Մահուան ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺՊԻՏԸ 

Ձորերուն մէջ, կակուղ ափերուն վրայ, ծաղիկներ կ՚ապրին։ Անոնք վայելուչ հակումով մը կը նային ջուրերուն, իրենց սլացիկ հասակին վրայ կեցած՝ շնորհալի մենութեան մը մէջ երջանիկ։ 

Քաղաքներուն մէջ, տուներու խորհուրդին տակ դէմքերը կ՚ապրին։ Անոնք մատաղ ծաղիկներուն թարմութիւնովը կը պտտին։ Երիտասարդութեան սրբութիւնը զանոնք կը պաշտպանէ։ 

*  * *

Ձորերուն մէջ, ափին սպասող ծաղիկները աղուոր են։ Ամէնն ալ ունին գոյներուն բեհեզը եւ լոյսին ոսկեսար ցանցը։ Ամէնն ալ համբոյրի մը պէս կը կախուին ջուրին երեսին։

Քաղաքներուն մէջ, պատերու շուքին բաբախող աղջիկները աղուոր են։ Ամէնն ալ ունին թարմ միսերուն դրախտը իրենց վրայ։ Ամէնուն ալ ներսը կը ծաղկի յաւիտենական զգացումին բոցը։ 

*  *  *

Ձորերուն մէջ, կարճ կանանչներուն վրայ իրենց պզտիկ աստղերը վառող ծաղիկները գրաւիչ չեն հաւասարապէս: Չես գիտեր ինչո՞ւ անոնց ցիրուցան փնջաւորումը կը զարտուղի ինքն իր մէջ։ 

Քաղաքներուն մէջ, մարդերուն տափակ խառնակոյտին մօտիկ, մանկատի աղջիկները նոյն զգլխանքը չէ, որ կը ճառագայթեն։ Չես գիտեր ինչո՞ւ բաժնողը անարդար ուզած է ըլլալ

* * *

Ծաղիկներ կան հոն, ձորին մէջ, որոնք այլապէս խռովող բան մը կ՚երերցնեն իրենց բաժակին վրայ, իրենց ընկերներէն կը զատուին թերթերու ինքնեկ յարդարումով մը։ Իրենց պսակին մէջ՝ թելերը նորօրինակ ծփանքի մը տակ կը դաշնակուին, ու կապերուն ընդմէջէն հեւալով կը թրթռան։ Անոնք կը ժպտին թերեւս։ 

Աղջիկներ կան քաղաքներուն մէջ, որոնք իրենց երեսներուն վրայ ցոյցի կը բերեն առանձնապէս տաք ու տարբեր յարդարումը գիներուն, միսերուն պատրող հանգիստին մէջ կը խաղցնեն անբացատրելի պարը թրթռացող գոյներուն, ու մորթին միապաղաղ հայլիին վրայ ոլորները կը փախցնեն երկայն ու մանրիկ կաթէ ու արիւնէ ալեակներուն։ Անոնք ալ կը ժպտին

* *  *

Դուն կը սիրես ժպիտը

Ան կը վայլէ քու դէմքիդ, ինչպէս բեհեզը թիթեռնկի մը թեւին ու ինչպէս փրփուրը` ալիքի մը զգլխիչ մէջքին։ 

Ան պատահական լոյս մըն չէ քու աչքերուդ խորը, որ երկար այցելութիւններուն սպասումը եւ անոնց անխուսափելի ցրտութիւնը կը հետապնդէ։ Քու նայուածքիդ մէջ անիկա կը խաղայ ընտանի հմայքովը լողացող կարապին։ Անիկա զուարթ է՝ ինչպէս հովիկը, որ թեւ պիտի բանար բիբերուդ կապոյտ ծովէն ներս։ Ու անիկա վազքն ունի առագաստով նաւակին՝ աչքերուդ անդունդին վրայ

Քու երեսներուդ վրայ ժպիտը եղանակ մը չէ, սպասումի յոգնութեամբը ծանրացած։ 

Ան հոն է՝ ինչպէս է գարունը կարգ մը երկիրներուն համար, որոնց խնայուեցաւ ուրիշ եղանակներուն խստութիւնը: է Ան իր թռիչները քիչ անգամ ծալող երազի թռչունն է քու երեսներուդ վրայ

Ու ան վերջալոյս մըն է, որ գիշեր չունի

*  *  *

Ես կը յիշեմ երազած ըլլալ երբեմն հովերու, որոնք ծաղկազարդ լիճի մը ալիքներէն կը ծնին, ափերուն կանանչէն փայփայուած կը սահին թեթեւ թեւերով, ծաղիկներէն առնելով անուշութիւնն իրենց հոգիին։

Անոնք իրենց կեանքին բոլոր տեւողութեանը վրայ չեն փոխեր կշռոյթը իրենց թռիչին, անոնց զգուանքին կը հետեւի բարութիւնը հոգի եղած ծաղիկներուն։ 

Անոնք կը վախնան բարձունքներուն գլուխ դարձնող առինքնումէն, անոնք կը վախնան դարձեալ մութ փոսացումներուն անկումէն։ Չեն լայննար, չեն ուժովնար, չեն տաքնար ու պաղիր։ Անոնք կը թռին, այդպէս պզտիկ, այդպէս զով, սկզբնական ալիքին զուլալ թեթեւութիւնը անաղարտ պահելով։

Ու երբ անոնք իրենց թափառումին մէջ առնեն ինչ որ կայ ամէնէն քնքուշ բոլոր ծաղիկներուն մէջ, ինչ որ կարելի է լոյսէն գողնալ ու կերպով մը մետաքսի փոխել, ինչ որ իրերուն ամէնէն խուսափուկ նրբութիւններէն յաջողին փաթթել իրենց թեւերուն լոյսէ սարուածին, անոնք, երազուած այդ հովերը, կը յոգնին ու կ՚երթան հանգչելու աղջիկներու երեսին, քու երեսիդ։ 

Երազ մըն է ասիկա։ Ու սակայն ես բառ մը չեմ ուզեր փոխել այդ երազէն։ Ինքնին վառող ժպիտ մը գողտր հրաշակերտ մըն է մեր այն քան զրկուած աշխարհին համար։

* * *

Դուն կը ժպտիս։ Կէս մը կարմիր ու սակայն հատած դէմքիդ վրայ ժպիտը արձագանգ մը կը թուի ինծի, հոգիիդ խորը պառկած այն կրակին, որ կը սիրէ միսերուն բուրվառը, որ կը տաքցնէ ու չ՚այրիր, որուն լոյսը գերազանցապէս թափանցիկ, կը յաջողի բոլոր պատանքներուն մեռելութիւնը մէկդի նետել ու յայտնուիլ աչքերուդ ծարիրին ու երեսներուդ տաքուկ ու ոսկեզօծ ձիւնին վրայ։ 

*  * *

Խօսիլը գուցէ տառապանք մըն է քեզի համար, բայց անբարբառ խօսքը քու ներսէդ կը փրթի, նման քողուած հարսներուն, որոնց կողքին, որոնց վերեւ մոմերուն ժապաւինեալ դեղնութիւնը կը կամարնայ։ Ու հարսներու անցքին՝ մենք սիրած ենք միշտ միամիտ դառնալ

Բառերը, ըսուածն ու չրսուածը, կը լուսնան քու ժպիտէդ ու կը քաղցրանան

*  *  *

Դէմքդ պզտիկ երկինք մըն է, աչքերուդ արեւովը

Ու բոլոր երկինքներուն պէս ան ունի իր գարունն ու իր աշունը։ Երեսներուդ վրայ գարունը կը ծաղկի քու չմեռնող ժպիտիդ մէջ։ Ու այդ պահերուն՝ քու մարմինդ կը դառնայ թափանցիկ, տեսանելի կ՚ըլլայ զգացումներուդ բովանդակ շառաւիղումը։ Այս հրաշքը կարելի է բոլոր ապրողներուն, հերիք է, որ անոնք ժպտիլ գիտնան։ 

Ժպիտը երբեմն ուրախ վետվետում մը չէ այտերուդ ծիրանիին վրայ: Կը պատահին ատեններ, երբ աչքերուդ ծոցը արցունքը կը դողայ ու այտերուդ ծիրանիին վրայ շուք մը կ՚իյնայ, թուքը ցաւին, որ կը գոցէ սրտիդ խորանը։ Այդ ատեն նորէն, նորէն կը բուսնի ան, այս անգամ ծանր, վիշտէն մաքրուած ու ատով աւելի սրտառուչ:

Ցաւող դէմքերուն վրայ ժպիտին մեղմ բոցը իր ելքի ճիգովը կը դառնայ յոգնած՝ բարի սպառումին նման աստղի մը, որուն կը սպառնայ ամպի կտոր մը: Քեզի համար ամպի այդ կտորը ճերմակ է նորէն ու աստղին միայն թեւերը կը հալին այդ մշուլին մէջ

*  * *

Ուրախ թէ տխուր՝ ժպիտը կը պտտի քեզի հետ։ Ան քու ամէնէն մեծ առաքինութիւնդ է։ Անիկա բարիք մըն է անգիտակից ու փրկարար։ 

Նոր բան մը չեմ ըսեր, երբ քու ժպիտդ նմանցնեմ արեւին, որ կ՚իյնայ ամէնուն, չզատելով երջանիկն ու զրկուածը, դալար դաշտերուն հրճուանքը ու անապատին հեւքը

Ինծիպէսները իրենց հոգին կը բանան բոլոր անոնց, որոնք նայելէ աւելի ժպտիլը սիրեցին

Տառապողին համար կա՞յ աւելի քաղցր հանգիստ, քան աչքերու այս ընկղմումը, այս հետախաղաղ սուզումը թրթռացող մեծ ալիքին մէջ, կնոջ մը երեսէն ու կնոջ մը աչքերէն։ 

* * *

Շարունակէ պահել քու դէմքիդ վրայ բոցի այդ ժանեակը, ու աստուածահիւս այդ շղարշը թող ծածանի միշտ հոն, հոգ չէ թէ ներսդ ցաւին ծուխը թանձրանայ ու դառնայ

Երբեք սեւով դուրս մի՛ տար այդ մուխը: Տառապանքը կրկնապէս համբուրելի կը դառնայ, երբ այդպէս մելանուշ պատանքի մը, ժպիտի մը լուսաւէտ վարշամակին մէջ կը հանգչի։