Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՒԱԿԸ

«Բայց անհամբեր էի նաւակ մ՚ունենալ,

Նաւակ մ՚ինծի, անոր միակ տէրն ըլլալ.

Հըրամայել ծովուն, ոլրել իր պըռկունքն,

Այլ եւ զմայլմամբ դիտել կապոյտ կոհակունքն`

Իմ բազմոցիս իշխանական բարձունքէն։

Տեսայ նաւակ` կարճ ու նեղ. իմ տարիքէն

Վեր բան ընել չուզեցի. վեշտասնամեայ

Էի յայնժամ, իսկ տէր նաւուն` բազմամեայ։

Սակարկեցի. հազար ըսաւ, հինգ հարիւր

Տըւի. չեղաւ, յիսուն ելայ, հուսկ` հարիւր.

Վեց հարիւրի հաւանեցաւ։ Բայց մարդ տե՛ս.

Մեծ քոյր մ՚ունի եղեր։ Եկաւ. «Այո՛, ես

Կու տայի քեզ նաւակս. սակայն ի՞նչ ընեմ,

Հաւանութիւն չը տար քուրիկս իմ խոհեմ»։

Վա՜յ։ Բարկացայ. մարդը տարի սրճարան,

Էսնաֆին քով խաղք խայտառակ ըրի զայն։

Ինձ խոստանա՜լ, ալեւոր մարդ, պատանւոյս,

Ապա ստեղծե՜լ քոյր մը։ Կ՚երդնում, ո՛հ, պատուոյս

Վըրան, ես տէր պիտ՚ ըլլամ ա՛յն նաւակին։

Վըճռեց Էսնաֆն, որ գործ չունէր հոստեղ կին։

Վեց հարիւրը դըրի առջին, նաւն առի։

Ո՞վ կ՚ըսէր, թէ լաստն այն կըտոր մ՚էր ծառի։

Իմ պալատս էր այն, իմ դըրախտ, բարձր իմ գա՜հս.

Եւ ըզբօսանքս, ե՛ւ սէրս, եւ փա՜ռքս, նաեւ շահս։

Մըտայ մէջն, եւ աշխոյժ ալիք պար առին

Նաւակս. համբո՜յր, գըգուա՜նք, նըւա՜գք։ Ծով խորին

Սարսա՜փ ազդեց յիս, սակայն նո՛ր ալ աւիւն.

Իբրեւ զինուորն, որ գնայ հեղուլ ջերմ արիւն

Համակուեցայ գոռոզութեամբ ւ՚ ահիւ մեծ,

Զոյգ փայտ նըրբին, եւ մըկանունք մեծամեծ,

Այլ, գոչեցի, պիտի յաղթեմ ծովուն յար։

Եւ ըսկըսայ թիել, թեւել խանդավառ,

Ճարտարութիւնս, զօրութիւնս հռչակուեցաւ.

Արհեստակցացս եղաւ ասի փորին ցաւ։

Պոռացին. «Պէտք է աշկերտի դեռ, սորվի.

Փոքր է, պէտք չէ մարդ այդ տըղուն վըստահի»։

Ջանքե՜ր ըրին, որ չը ստանամ թէզքէրէ։

Տեսուչն աչքիս, ձեռացս հայեացք մ՚արձակեր է,

Ւ՚ աչացս յանդուգն, հըզօր ձեռացս առաջի

Յանըզգայս իմըն թէզքէրէս կը թըռչի՜։

Ա՛լ տիրապետն եմ լիովին ես ծովուց,

Նոր ոյժ կ՚առնեմ. նաւ մ՚ալ նոր, մե՜ծ` իբրեւ խուց։

Եազըճիներն` էն մեծերն, ինձ յաճախորդ

Կ՚ըլլան [1] ։ Եւ ես չունիմ միայն մարդ նաւորդ,

Այլ… Ազնիւ փայտ, մարմար ու պէս-պէս քարեր

ՅԵւրոպական ափանց եմ միշտ փոխադրեր

ՅԱսիական եզերքն, ուր ի՛մս եազըճիք

Կը կանգնէին տուներ անդուլ ու անճիգ։

Բայց ոչ միայն իրենց, այլ եւ աղքատին

Տուն անխըտիր այն մեծանձունք շինէին։

Եւ զի սքօղեալ էին փոխադրած նիւթերս,

Ինձ լիուլի վարձք կու տային խալֆաներս։



[1] Եանգօն անուանեց բոլոր այն Հայ ճարտարապետներն ու եազըճիներն, ոյք իրենց կեանքն իրեն կը յանձնէին ծովուց վրայ։