Օգուտ Բժշկութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Աչաց տեսութիւնն որ է պտուղն կամ լաննայ եւ կամ նեղնայ

Պատճառ լաննալուն այս է

Սահակն ասէ, թէ լինի այս Գ տապաղային չորութենէն եւ կամ գիճութենէն. եւ կամ ուռէց լինի ըղեղան աստառն. եւ կամ տաքութենէ, կամ զախմէ եւ անկանելուն ի վերայ գլխուն մարդուն։

Նշան լաննալուն այն է, որ գիճութենէ եւ կամ ի չորութենէ լինի՝ պակաս լինի տեսնելուն. եւ այն որ ուռեցէ լինի՝ գլուխն ցաւի եւ ջերմն լինի. եւ այն որ զախմէ լինայ՝ գլուխն ցաւի։

Ստածումն լաննալուն այս է,

Էհանան ասէ, թէ զկարմիր շաֆն եւ կանաչ շաֆն ի բան տար եւ զբասիլիկոնն եւ զբաւշնային, եւ ամէն ծարուրնին օգտէ. եւ երակ առ եւ լուծումն արա, եւ անօթեց ի բաղանիս մուտ, եւ բնաւ գինի մի՛ խմեր։ Եւ այն որ թանձր լինի՝ նշանն այն է, որ երկնին ի լի լինի, եւ ի վերայ որպէս սարդոստէ է եւ զտեսութիւնն խափանէ. եւ իր ստածումն այն է, զոր վերցնեն զինքն սունարայով եւ կտրեն. եւ այս ձեռնագործ է եւ դուրս է ի բժշկութենէն։ Եւ կաթեցո՛ւ քամոնի ջուր եւ ցանէ՛ զդեղին զրուրն, եւ թէ ուզենաս որ դեղին եւ կարմիր շաֆով դեղ այնես՝ ի բաղանիս տար։

Ֆաւլօսն ասէ, թէ դեղն այն է, որ երակ առնուն եւ լուծումն այնեն եւ զարիւնն սրբեն. եւ շաֆի տինարկուն քաշեն. եւ կարմիր շաֆն լաւ է. եւ տո՛ւր սալորի շարապ եւ ճուլապ. եւ հապի ղուղիայ լաւ է. եւ թէ ուռէց լինի կամ զարկուց է՝ յառաջն զաչքն լվա՛ եւ շատնաճ ցանէ եւ արա զայն մորհամն, որ սանտալով եւ մամիսայով լինի եւ ուռի տերեւով, եւ նոնոֆար յաչքն դիր, եւ լվա՛ վարդէջրով. եւ թէ զախմն հասնի՝ ճակտէն երակ առ եւ լուծումն արա հապերով. եւ զլեղեստնուն շաֆն ի յաչքն քաշէ. հանապազ օգտէ. եւ ի ծոծրկէն հաճամաթ արա եւ ապիկիս արկ եւ արիւն հան ըստ ուժուն. օգտէ աստուծով. ամէն։

Պատճառ նեղնալուն աչացն պաղին

Այն է, որ ուռէց լինի եւ կամ տաքութիւն եւ չորութիւն յաւելնայ եւ անցնի ի չաքուցն եւ կամ չորութիւն զօրանայ եւ աւելնայ խիստ։

Նշան նեղնալուն որ ուռեցէ լինի այն է, որ աչքն եւ գլուխն ցաւի խիստ. եւ աչքն պակաս տեսնու, եւ այն որ ի չորութենէ լինի՝ աչիչն կաշին թաշանուճ լինայ։

Ստածումն նեղնալուն։

Եւ թէ պատճառն ի գիճութենէ լինի՝ այն է, որ առնուս օշախ Ա դրամ եւ ճաւշիր Ա դրամ եւ խլտ զաֆրան Դ դրամ, զանճար Ա դրամ. յստկէ, ջրով շաղվէ եւ շաֆ արա եւ ի բան տար. օգտէ։ Խլտի զաֆրանին կերպն այս է. զաֆրան եւ շաֆ մամիսայ եւ վարդ եւ մուռ եւ նշայ եւ սամղ Ա Ա մաս, ծեծէ՛ եւ մաղէ՛ եւ յիրար խառնէ. եւ յայն ժամ պայզի գիճութիւնն պակսի՝ նշանն այն է, որ ամէն աչքն պակսէ, եւ ապա զի ի բաղանիս մտեն եւ եղկ ջուր ի վրան լնեն, օգտէ. եւ կակուղ ձիթեր օծեն եւ ի քիթն կաթեցնեն. եւ թէ ուռէց լինի՝ ի գլուխն եւ ի ճակատն օծեն, օգտէ. եւ թէ ի չոր ի հով խլտէ լինի՝ նա դու տաք եւ գէճ իրօք դեղ արա. եւ թէ ի տաքութենէ լինայ՝ ստածումն հով դեղերովն է եւ գէճ, որ ողջանայ կամօք Աստուծոյ մերոյ. ամէն։