Մատենագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՍԻՐՈՅ ԳԻՐՔԸ»

«Արցունքին Քերթուածը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Թէոդիկի 1908 թ. ի «Ամենուն Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 111։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հայաստանեան հրատա­րա­կու­թեան մէջ, էջ 26 [1] ։ Հեղինակին ինքնագիրը կը կրէ նաեւ «Արցունքին Աղօթքը» եւ «Իջիր Արցունք» վերնագրերը [2] ։

«Սիրոյ Շողքերը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մասիս» շաբաթաթերթի 1907 թ. ի (Նոր Շրջան) թիւ 15-ի (13 Մարտ) մէջ, էջ 293։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրա­տարակութեան մէջ [3], էջ 86։ Երրորդ անգամ՝ 1981-ի հայաստանեան հրատարա­կութեան մէջ [4], էջ 129։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հայաստանեան հրատարակութեան մէջ [5], էջ 71։

«Հոգիս». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մասիս»ի 1907 թ. ի թիւ 22-ին (21 Ապրիլ) մէջ, էջ 430։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 100։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 23։ Չորրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակու­թեան մէջ, էջ 147։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 70։

«Կարապները». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մասիս»ի 1907 թ. ի թիւ 30-ի (16 Յունիս) մէջ, էջ 604։ Երկրորդ անգամ՝ 1928-ին, «Հայրենիք» ամսագրի թիւ 5 (65)-ի մէջ, էջ 39։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 122։ Չորրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ [6], էջ 211։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 21։ Վեցերորդ անգամ՝ 1963-ին, «Ծաղկաքաղ Արդի Հայ Գրա­կանութեան» Բ. հատորին մէջ, էջ 146-7։ Եօթներորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարա­կութեան մէջ, էջ 131։ Ութերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 62։ Իններորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» (Յովհ. Չիլինկիրեան, Փարիզ), հատորին մէջ, էջ 89-90։ Բանաստեղծութեան ինքնագիրը՝ տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

Այս քերթուածին առիթով Սեւակ կ՚ըսէ. «Շատ անգամ՝ մութ գիշերով՝ Լէմանի ափին վրայ կը հանգչիմ մենաւորիկ ու կը դիտեմ կարապները. mystՌre-ով լեցուն այդ խորհրդաւոր էակները, հեռունե՜րը, զոյգ-զոյգ, գիշերին մէջ։ Ու հոգիս, արցունքով լեցո՜ւն, կը մտածեմ. ինչո՞ւ լեզու չունենային այդ խեղճերը, ինչո՞ւ չկրնայի կարդալ անոնց սրտին մէջ այն անհունօրէն բարձր խորհուրդը, որուն մարմնացումներն են իրենք, ինչո՞ւ չհամբուրուէի անոնց հետ, եւ ինչո՞ւ չկրնայի ըսել իրենց, թէ՝ իրենց սրտին պէս սիրտ մըն ալ իմ կուրծքիս տակ կայ, իմ բանաստեղծի կուրծքիս տակ…»։ [7]

«Լէման». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Հ. Մամուրեանի խմբագրած «Արեւելեան Մամուլ» շաբաթաթերթի 1907 թ. ի թիւ 34-ին մէջ, էջ 856-7։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 19-20։ Երրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 130։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 69։ Քերթուածը նուիրուած է իր մտերիմ բարեկամներէն, Հ. Նազարեանին, որուն Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան մատենադարանի մէջ գտնուող արխիւներուն հետ, ըստ Ա. Թօփչեանի, պէտք է բազմաթիւ անտիպներ պահուած ըլլան Ռ. Սեւակէ [8] ։ Հեղինակին ինքնագիրը կը կրէ «Լէմանիա» խորագիրը (տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ 1)։

«Լէման»ը Սեւակ կը ղրկէ Հ. Նազարեանին որ տպել տայ «Մասիս»ի մէջ, եւ այդ առիթով կը գրէ. «Կ՚ուզեմ, որ (եւ վստահ եմ որ կը յաջողցնես) «Կարապներ»ուն յաջորդ շաբաթը քեզի ձօնած հրաշակերտ «Լէման»ս տպել տաս՝ դարձեալ «Մասիս»ին մէջ։ Բայց պէտք է որ «Լէման»ին մէջ սրբագրութիւններ բաներ չմտցուի[ն], որովհետեւ այնքա՜ն փափուկ բանաստեղծութիւն մըն է, որ գրչի փափուկ հարուած մը կրնայ մեռցնել անոր հոգին» [9] ։

«Ահա Կ՚երգես Դասանիա՜…». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1907 թ. ի թիւ 38-ի մէջ, էջ 947։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 24։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 67։

Այս քերթուածը առաւել հասկնալու համար պէտք է կատարել սա մէջբերումը Սեւակի նշանածին (Եաննի Ապէլի - Խ. Տ. ) 23 Մարտ 1908 թուակիր նամակէն, ուր ան կ՚ըսէ. «Բայց դուն (Սեւակին համար է խօսքը - Խ. Տ. ) չես ուզեր. աւա՜ղ… դուն իշխանուհին կը սիրես (իշխանուհին «Դասիանան» է, որ ինձ սիրահարուած էր եւ որմէ ներշնչուած եմ «Ահա Կ՚երգես Դասիանան»)։ Փակագծին մէջի բացատրութիւնը Սեւակի սիրոյ խոստովանութիւնն է Դասիանային [10] ։

«Ցնծուն Մահ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Հայ Գրականութիւն» ամսագրի (Իզմիր) 1914 թ. ի թիւ 5-ի Յունուար) մէջ էջ Երկրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Արեւմտահայ Բանաստեղծներ» [11] ժողովածուին մէջ, էջ 349։ Երրորդ անգամ 1930-ին, «Հայրենիք»ի Դեկտեմբերի թիւին մէջ, էջ 76-7։ Չորրորդ անգամ՝ 1939-ի «Համազգային Օրացոյց»ին մէջ։ Հինգերորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 118։ Վեցերորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 229։ Եօթերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 82։ Ութերորդ անգամ՝ «Մայրենի Լեզուի Ընթերցարան»ի Դ. Տարուան գրքին մէջ [12] ։ Իններորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 160։ Տասերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 155։ Տասնմէկերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 96-7։

Այս քերթուածին մասին Սեւակ կը գրէ. «Այս շաբաթ քեզի . Նազարեան - Խ. Տ. ) կը ղրկեմ «Ցնծուն Մահը» անունով քերթուած մը՝ «ամէնէն արժէքաւորը» ցարդ արտադրածներուս (իբրեւ արուեստ եւ իբրեւ իմաստ), որուն մէջ քերթող եւ վտակ կը խօսակցին գիշերին մէջ։ Կարդա՛ եւ տասը անգամ կարդա, հիանալի rythme եւ հիանալի rime կայ մէջը, եւ մանաւանդ խորապէս լուրջ fond մը։ Կատարեալ յանգամոլ քերթուած մըն է» [13] ։

«Գինով Սէր». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մասիս»ի 1907 թ. ի թիւ 34-ի (18 Օգոստոս) մէջ, էջ 684։ Երկրորդ անգամ՝ 1920-ին, «Ոստան» պարբերաթերթի . Տարի) թիւ 8-9-ին մէջ, էջ 23-4։ Երրորդ անգամ՝ 1928-ին, «Հայրենիք»ի թիւ 6 (66)ին մէջ, էջ 28։ Չորրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 79։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 124։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 61։

Այս քերթուածին մասին Հ. Նազարեանին ուղղած իր 12 Օգոստոս 1907 թուակիր նամակով Սեւակ կ՚ըսէ. «Ներփակ պիտի գտնես բանաստեղծութիւն մը, «Գինո՜վ Սէր» վերնագրով։ Շատոնց է ղրկած չունէի քեզի ոտանաւոր, այս անգամ կը ղրկեմ ոտանաւոր մը, որուն վրայ կը դնեմ իմ համեստ գրողի բոլո՜ր հպարտութիւնս։ Ոճը նոր է, գաղափարը նոր, արտայայտութիւնը նոր։ Տեսակ մը սիրային սաղմոսերգութիւն, ուր տողերը կը կրկնուին ալիքներուն համաչափութիւնովը՝ եւ իրար կ՚ամբողջացնեն։ …Սրտիս ամբողջ զգայնութիւնը դրի այս տողերուն մէջ. Չիլինկիրեանը ամբո՛ղջ այդ քերթուածին մէ՛ջ է։ Գինով Սէրը նուիրած եմ Օր. Եաննի Աբէլին՝ …» [14] ։ Քերթուածը գրուած է ապագայ իր կնոջ՝ Օր. Եաննի Ապէլին հետ առաջին ծանօթացման առիթով։ Այդ դրուագին մասին տեսնել վերոյիշեալ աղբիւրը, ուր կայ Սեւակի խոստովանութիւնն ու ամբողջ եղելութիւնը։

«Վերջալոյս». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Արամ Անտոնեանի խմբագրած «Լոյս» շաբաթաթերթի 1908 թ. ի (Նոր Շրջան) թիւ 4-ին մէջ, էջ 116։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 126։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 34։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 65։

«Սիրոյ Աղբիւր». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Լոյս» շաբաթաթերթի 1908 թ. ի թիւ 5-ին մէջ, էջ 156։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 81։ Երրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 205։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 36։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 134։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 78։

«Քնացող Աղջիկը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Լոյս»ի 1908 թ. ի . Տարի, Նոր Շրջան) թիւ 8-ին մէջ, էջ 171։ Երկրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 214։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 27։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 91։

«Սիրոյ Մրմունջ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Լոյս»ի 1908 թ. ի թիւ 8-ին (16 Փետր. ) մէջ, էջ 262։ Երկրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Հայրենիք»ի Նոյեմբերի թիւին մէջ, էջ 56։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 65։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 37։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 135։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 89։ Հեղինակին ինքնագիրը կը կրէ «Ափին Վրայ» խորագիրը [15] ։

«Էտըլվէյս». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մասիս»ի 1908 թ. ի թիւ 8-ին մէջ, էջ 181։

Այս առիթով, խմբագրութիւնը կը գրէ. «Մասիս»ի այս թիւով կը հրատարակենք Ռ. Սեւակի այս գեղեցիկ բանաստեղծութիւնը։ Ռ. Սեւակ հազիւ քանի մը քերթուածներ ստորագրած, արդէն գնահատական մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը արթնցուցած է իր շուրջը եւ ընթերցողներէն շատեր կը հարցնեն մեզ, թէ ո՞վ կը պահուըտի այդ ստորագրութեան ետեւը։ Չենք ուզեր քողամերկել «Ռ. Սեւակ»ը, քանի որ ինք գրական դիմակով կը սիրէ բանաստեղծել. բայց սա՜չափ մը գոհացնենք հետաքրքրութիւնը ընթերցողներուն, թէ ան «Մասիս»ի ընթերցողներուն ծանօթ բանաստեղծ մըն է, որ «Մասիս»ի միջոցով իր բուն անունով յայտնուած ատեն ալ՝ անմիջապէս համակրութիւն եւ գնահատութեան նշաններով ողջունուեցաւ ընթերցողներէն, ինչպէս զայն առաջին քերթուածէն գնահատող եւ ծանօթացնելու սիրող մը եղաւ խմբագրութիւնս»։

Երկրորդ անգամ լոյս կը տեսնէ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 43։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 71։ Հեղինակին ինքնագիրը թուագրուած է 7 Յունուար 1908 [16] ։

«Պիտի Սպասե՜մ…». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մասիս»ի 1908 թ. ի թիւ 10-ին մէջ, էջ 205։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 46։ Երրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 138։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 76։

Սեւակի շատ մը բանաստեղծութիւնները ուղղակի թարգմանութիւն կամ բառացի մէջբերումներ են իր ստացած նամակներէն։ 16 Մարտ 1908 թուակիր իր նամակին մէջ, ուղղուած՝ Հ. Նազարեանին, ան կ՚ըսէ. «…Պէտք է հոս պզտիկ խոստովանութիւն մը ընեմ քեզի, որ իմ ղրկած ոտանաւորներէս շատերը պարզապէս իր (խօսքը Եաննի Ապէլի մասին է - Խ. Տ. ) «նամակներէն բառացի թարգմանութիւններ են ծայրէ ի ծայր» [17] ։ Այս բացատրութեամբ կը յստականայ Սեւակի կարգ մը բանաստեղծութիւններուն մէջ եղած մէջբերումները կամ պոռթկումները, որը անշուշտ կը պարզէ ամբողջ այդ քերթուածին ոգին ու գրութեան դրդապատճառները։ «Պիտի Սպասեմ» բանաստեղծութիւնը Եաննի Ապէլի ուխտն է, թէ պիտի սպասէ Սեւակի, նոյնիսկ երեք տարի (մինչեւ Սեւակի համալսարանը աւարտելու թուականը՝ 1911)։

«Ժպիտ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մասիս»ի 1908 թ. ի թիւ 11-ին մէջ, էջ 220։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 44։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 85։

«Հին Եղանակ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Թէոդիկի «Ամենուն Տարեցոյց»ի 1909 տարուան թիւին մէջ, էջ 120-1։ Երկրորդ անգամ՝ 1910-ին, «Հայ Գրողներ» դասագրքի Բ. հատորին մէջ։ Երրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Արեւմտահայ Բանաստեղծներ» ժողովածուին մէջ, էջ 337։ Չորրորդ անգամ՝ 1939-ի «Համազգայինի Օրացոյց»ին մէջ։ Հինգերորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 82։ Վեցերորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 225։ Եօթերորդ անգամ՝ նոյն թուականին լոյս տեսած «Ընտիր Էջեր Հայ Գրականութեան» հատորին մէջ, էջ 862։ Ութերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 54։ Իններորդ անգամ՝ 1957-ին, Յ. Օշականի «Հայ Գրականութիւն» հատորին մէջ . տպ., Երուսաղէմ), էջ 623։ Տասերորդ անգամ՝ 1969-ին, «Հայ Գրականութիւն» դասագրքի Ը. հատորին մէջ, էջ 153։ Տասնմէկերորդ անգամ՝ 1980-ին, Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» գրքի Թ. հատորին մէջ, էջ 46-7։ Տասներկրորդ անգամ՝ 1985 թ. ի «Բագին» ամսագրի թիւ 10-ին (Հոկտ. ) մէջ, էջ 37։ Տասներրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 153։ Տասնչորրորդ անգամ՝ 1985-ին դարձեալ, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» [18] հատորին մէջ, էջ 88։

Քերթուածը նուիրուած է տիկին Թէոդիկին։

«Այդ Գիշերը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մասիս»ի 1908 թ. ի թիւ 15-ին մէջ, էջ 255։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 18։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 85։

«Երէկ Գիշեր». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Հայրենիքի Քնար» ամսագրի 1908 թ. ի թիւ 3-ին մէջ, էջ 53։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 73։ Քերթուածը նուիրուած է Օր. Լենա Տի Քօզմիսին։

«Պատասխանը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Լոյս»ի 1908 թ. ի թիւ 14-ին մէջ, էջ 453։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 71։ Երրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 206։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 38։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 135։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 74։

«Երգ Երգոց». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Լոյս»ի 1908 թ. ի թիւ 17-ին մէջ, էջ 559։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 77։ Երրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 207։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 32։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 133։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 79։

«Զղջում». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մասիս»ի 1908 թ. ի թիւ 14-15-ի մէջ, էջ 292։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 89։ Քերթուածը նուիրուած է Ենովք Արմէնին, ինչպէս կը հաստատէ անոր ինքնագիրը, բայց «քանի որ Ե. Արմէնը այդ շրջանում «Մասիս»ի խմբագիրն էր, ապա կարելի է հասկանալ, թէ ինչու բանաստեղծութիւնն առանց նուիրաբերումի է տպագրուել» [19] ։ Ինքնագիրը տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

«Նամակը» («Աղջկան Հոգիներ» ընդհ. խորագրի տակ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մասիս»ի 1908 թ. ի թիւ 16-ին մէջ, էջ 320։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 49։ Երրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 139-40։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ին, «Արարատ» օրաթերթի թիւ 79 (12739)ի մէջ, մէջ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 72։

«Գլխու Պտոյտ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1908 թ. ի եռամսեայ հրատարակութիւններու թիւ 3-ին մէջ, էջ 339։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 91։

«Չը Հասկցուա՜ծ…». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1908 թ. ի եռամսեայ հրատարակութիւններու թիւ 3-ին մէջ, էջ 339։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 90։

«Երնէ՜կ, Ջուր». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Լոյս»ի 1908 թ. ի թիւ 23-ին մէջ, էջ 779-80։ Երկրորդ անգամ՝ 1929-ին, Հ. եւ Զ. Ասատուրի «Նոր Թանգարան Հայերէն Լեզուի» դասագրքին մէջ, էջ 204-5։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 120։ Չորրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 209։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 30։ Վեցերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 151։ Եօթերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 121։ Ութերորդ անգամ՝ 1985-ին լոյս տեսած է «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 93։

Քերթուածը կը ցոլացնէ Սեւակի՝ հայրենի երկրի, անոր ջուրին ու բնութեան կարօտը. աւելին, անոր կապուածութիւնը իր գիւղին ու ծննդավայրին, հակառակ՝ Լօզանի գրաւիչ բնութեան։

«Համբոյրը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Լոյս»ի 1908 թ. ի թիւ 25-ին մէջ, էջ 851։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 92։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 41։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 137։

Սրտառուչ այս քերթուածը նկարագրականն է Սեւակի եւ իր սիրուհիին՝ Եաննիի հանդիպման. վերջինին տան առջեւ, Էրֆուրտի մէջ, երկար բաժանումէ մը ետք։ Այդ հանդիպման ամբողջ նկարագրութիւնը կու տայ նաեւ Հրանտ Նազարեանի գրած՝ իր 19 Ապրիլ 1908 թուակիր նամակին մէջ [20] ։

«Տրտո՜ւմ Ոգի». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մասիս»ի 1908 թ. ի թիւ 34-ի մէջ, էջ 142։ Երկրորդ անգամ՝ 1912-ին, Թէոդիկի «Ամենուն Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 91։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 95։ Չորրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 213։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 28։ Վեցերորդ անգամ՝ 1963-ին, Հ. Մեսրոպ Ճանաշեանի «Ծաղկաքաղ Արդի Հայ Գրականութեան» գրքի Բ. հատորին մէջ, էջ 147-8։ Եօթերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 149։ Ութերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 77։ Իններորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 94։

«Մահազգացում». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Թէոդիկի 1910 թ. ի «Ամենուն Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 145։ Երկրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Արեւմտահայ Բանաստեղծներ» ժողովածուին մէջ, էջ 348։ Երրորդ անգամ՝ 1939-ի «Համազգային Օրացոյց»ին մէջ։ Չորրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 63։ Հինգերորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 228։ Վեցերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 140։ Եօթերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 118։ Ութերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 97։ Իններորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 118։

«Ձիւնին». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Աստղիկ» հանդէսի 1911 թ. ի թիւ 3-ին մէջ, էջ 35։ Երկրորդ անգամ՝ «Նաւասարդ» պարբերաթերթի 1924 թ. ի . հատոր, Նոր Շրջան) պրակ ԺԲ. ի մէջ, էջ 299-10։ Երրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Հայրենիք»ի Դեկտեմբերի թիւին մէջ, էջ 77։ Չորրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 166։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 85։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 86։

Այս բանաստեղծութեան մասին «Գեղունի» ամսագրի խմբագիր Հ. Մ. Պոտուրեան կը գրէ. «Խնդրեցի որ ձիւնին տակ լուսանկարուի եւ ձիւնը երգէ քերթուածով մը։ Ու Սեւակ Զուիցերիոյ ցուրտին մէջ նստած ու լուսանկարուած է քմահաճոյքիս համար» [21] ։ Այս եւ ուրիշ քերթուածներ («Ժամանակ», «Հայ Զատիկը») Սեւակ գրած է Հ. Մ. Պուտուրեանի խնդրանքին վրայ, ըստ վերջնոյն վկայութեան, միաժամանակ աշխատակցած է անոր խմբագրած «Գեղունի» եւ «Աստղիկ» հանդէսներուն։

«Կ՚այրի». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1909 թ. ի թիւ 13-ի (24 Մարտ) մէջ, 403։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 52։ Երրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 127։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 127։

«Աստղի Մը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Էջմիածին» ամսագրի 1965 թ. ի (ԻԲ. Տարի) Փետր. —Մարտ-Ապրիլ միացեալ թիւին մէջ, էջ 56-7։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 174։ Բանաստեղծութեան տարբերակը արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրակին մէջ [22] ։

«Սէրո՜վ, Սէրո՜վ…». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1911 թ. ի «Մեր Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 102-3։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 67։ Երրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 128։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 128։ Բանաստեղծութեան տարբերակը արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [23] ։

«Եթէ Գիտնայի՜ր». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1911 թ. ի «Մեր Տարեցոյցին մէջ, էջ 103-4։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 128։ Բանաստեղծութեան ինքնագրէն ի յայտ կու գայ գրութեան թուականը՝ «1910, Կաղանդ, Էրֆուրտ, HՒtel Silver» [24] ։ Արտագրուած է նաեւ Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [25] ։

«Առաջին Մեղքը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1912 թ. ի թիւ 15-ի մէջ, էջ 235։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 154։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 151։ Բանաստեղծութեան տարբերակը արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [26] ։ Ինքնագիրը կը կրէ «Մեղք»ը խորագիրը եւ նուիրուած է Չիֆթէ Սարաֆին [27] ։

«Սիրոյ ու Մահուան Երգը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1912 թ. ի թիւ 15-ին մէջ, էջ 235։ Երկրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Հայրենիք»ի Նոյեմբերի թիւին մէջ, էջ 55-6։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 69։ Չորրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 224։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 68։ Վեցերորդ անգամ՝ 1963-ին, «Ծաղկաքաղ Արդի Հայ Գրականութեան» գրքի Բ. հատորին մէջ, էջ 148-9։ Եօթերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 152։ Ութերորդ անգամ՝ 1985-ին «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 95։ Ինքնագիրը կը կրէ «Մահուան ու Սիրոյ Երգը» խորագիրը [28] ։ Նոյն վերնագիրը կը կարդանք նաեւ Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ, էջ 85-6։ Գրութեան թուականն ու վայրը, երկու տեղերուն մէջ ալ, «1910, Օգոստոս 20, Շամբերի» է, մինչ «Շանթ»ի մէջ յիշուած է վայրը՝ որպէս «Լօզան», որն անշուշտ սխալ պէտք է ըլլայ։ «Շանթ»ի մէջ յիշուած է թէ քերթուածը քաղուած է հեղինակին անտիպ «Սիրոյ Գիրք»էն։

«Վերջին Կոչը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1911 թ. ի «Ամենուն Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 285։ Երկրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Հայրենիք»ի Նոյեմբերի թիւին մէջ, էջ 60։ Երրորդ անգամ՝ 1940-ի «Համազգային Օրացոյց»ին մէջ։ Չորրորդ անգամ՝ 1944-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 85։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 62։ Վեցերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 141։ Եօթերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 132։ Ութերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Կեդրոնականցի»ի թիւ 3-ին մէջ, էջ Իններորդ անգամ՝ նոյն տարուան «Բագին» ամսագրի թիւ 10-ին մէջ, էջ 38։ Սեւակ իր «Բանաստեղծութիւններ»ու տետրակին մէջ ստեղծեր է այլ տարբերակ մը, քառեակներու տարբեր հերթականութեամբ ու տակաւին բոլորովին այլ իսկական տարբերակ մը՝ «Վերջին Սէրը» խորագրով [29] ։

«Ամենուն Տարեցոյց»ի խմբագիրը այս տողերը կը կցէ սոյն քերթուածին. «Կը դնենք ստորեւ իր նոր մէկ տաղը («Սիրոյ Գիրքը»էն արտագրուած) ուր երիտասարդ սիրերգուն՝ սրտակցին՝ բանաստեղծ Հրանտ Նազարեանցի բերանը կը դնէ «ո՛չ հեծկլտացի» սա՛ռնօրէն անողոք ապադարձումը՝ տարփանքի անդրանիկ ենթակայի մը ուղղեալ։ Այդ աղջիկը ճշմարիտ, - թէեւ ուշ մնացած - ապաշաւով մը կը կողկողի սիրանուագ՝ անոր առջեւ։ Մենք ա՜յսպէս կ՚ըմբռնենք ապրուած կեանքէ ինքնատիպ եւ հզօր տաղ մը, որ ահա» [30] ։

«Ինչո՞ւ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1911 թ. ի . Տարի) թիւ 3-ին մէջ, էջ 41։ Երկրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Արեւմտահայ Բանաստեղծներ» ժողովածուին մէջ, էջ 345։ Երրորդ անգամ՝ նոյն թուականի «Հայրենիք» ամսագրի Նոյեմբերի թիւին մէջ, էջ 59-60։ Չորրորդ անգամ՝ 1939-ի «Համազգային Օրացոյց»ին մէջ։ Հինգերորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 63։ Վեցերորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 230։ Եօթներորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 66։ Ութերորդ անգամ՝ 1972-ին, Վ. Ա. Կիրակոսեանի «Ռուբէն Սեւակ» հատորին մէջ, էջ 182-3։ Իններորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 123։ Տասերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 136։ Տասնմէկերորդ անգամ՝ նոյն թուականի «Բագին» ամսագրի թիւ 10-ին մէջ, էջ 38։ Տասներկրորդ անգամ՝ «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» (1985, Փարիզ) հատորին մէջ, էջ 87։

«Սիրոյ Ծարաւ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1911 թ. ի թիւ 3-ին մէջ, էջ 41։ Երկրորդ անգամ՝ 1918-ին, նոյն հանդէսի թիւ 2-ին (23 Նոյ. ) մէջ, էջ 16։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 66։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 67։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 136։

«Եկո՜ւր». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ոստան»ի 1911 թ. ի . Տարի) թիւ 1-ին մէջ, էջ 108։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 73։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 63։ Չորրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 142։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 124։ Այս եւ հետագայ երկու բանաստեղծութիւնները հեղինակին համար կը կազմեն ամբողջութիւն մը, այբուբենական շարքով գրուած։ Կը պահենք մեր կարգին այդ շարքը։

«Յաւիտենական Հեքիաթը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ոստան»ի 1911 թ. ի թիւ 1-ին մէջ, էջ 109։ Երկրորդ անգամ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 75։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 65։ Չորրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 143։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 125։

«Տժգոյն Երգը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ոստան»ի 1911 թ. ի թիւ 1-ին մէջ, էջ 110։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 76։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 75։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 126։

«Ասպետին Երգը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Արագած» ամսագրի (Նիւ Եորք) 1911 թ. ի թիւ 12-ին մէջ, էջ 179։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 94։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 57։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 132։

«Գացող Մարդը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Արագած»ի 1911 թ. ի թիւ 12-ին մէջ, էջ 179։ Երկրորդ անգամ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 99։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 58։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 133։

«Լուսնակ Լոյսով». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Արագած» ամսագրի 1911 թ. ի թիւ 15-ին մէջ, էջ 227։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 59։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 81։

«Անկարելի Սէր». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Արագած»ի 1911 թ. ի թիւ 15-ին մէջ, էջ 227։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 60։ Զեղչուած է երրորդ քառեակը. «Դղեակի մէջ իշխանուհի…»։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 80։

«Ճիշդ Սէրը». Ոչ-ամբողջական ձեւով (1-4 քառեակները) առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Նայիրի» ժողովրդային պարբերաթերթի 1941 թ. ի . Տարի) պրակ Ա. ի մէջ, էջ 48։ Երկրորդ անգամ՝ 1965-ի «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի թիւ 4-ին (Ապրիլ) մէջ, էջ 60։ Խմբագրութիւնը կը ներկայացնէ զայն որպէս անտիպ, միեւնոյն քառեակներով։ Ամբողջական ձեւին մէջ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 206։ Անոր տարբերակը արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [31] ։ 1985-ի հրատարակութեան մէջ (որմէ կ՚արտատպենք մեր կարգին) առնուած է ինքնագրի բնագիրը [32] ։ Քերթուածը զետեղուած է անտիպներու շարքին մէջ։ Նախընտրեցինք զայն պահել «Սիրոյ Գիրքը»ի շարքին մէջ, անկէ մաս մը լոյս տեսած ըլլալուն համար։

«Երեք Ձիաւորներ». Չենք գիտեր ե՞րբ եւ ո՞ւր առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ։ Մեր տրամադրութեան տակ եղած աղբիւրներուն մէջ առաջին անգամ կը հանդիպինք 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 231։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 61։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 156։ Խմբագրութիւնը կը յայտնէ թէ «ամենայն հաւանականութեամբ, տեքստը վերցրել են (խօսքը 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մասին է - Խ. Տ. ) Ա. Յակոբովիչի տետրակից» [33] ։

«Սէրը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1912 թ. ի . Տարի) թիւ 27-ին մէջ, էջ 37։ Երկրորդ անգամ՝ 1928-ին, «Հայրենիք» ամսագրի (Պոսթրն) թիւ 8 (68)ի մէջ, էջ 52։ Երրորդ անգամ՝ 1930-ին, նոյն ամսագրի Նոյեմբերի թիւին մէջ, էջ 54-5։ Չորրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 68։ Հինգերորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 223։ Վեցերորդ անգամ՝ 1980-ին, Յ. Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» գրքի Բ. հատորին մէջ, էջ 41։ Եօթերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 123։ Ութերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 147։

«Կարապի Երգը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Հայ Գրականութիւն» ամսագրի (Իզմիր) 1912 թ. ի թիւ 8-ին (Փետրուար) մէջ, էջ 38։ Նոյն բանաստեղծութեան տարբերակը՝ «Կարապը» վերնագրով, լոյս կը տեսնէ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 219։ Այս մասին 1985-ի հրատարակութեան մէջ կը կարդանք. «Տեքստը հաւանաբար վերցրել են Ա. Յակոբովիչի տետրակից, քանզի այն նոյնութեամբ կարդում ենք տետրակում՝ «Կարապը» վերնագրի տակ [34] ։ Ըստ որում, որպէս գրութեան վայր նշուած է Լօզանը, մինչդեռ մեր՝ աւելի ընդարձակ տարբերակում (երկու քառեակ աւելի է) նշուած է Նիցցա։ Այս վերջինը աւելի հաւանական է թւում, քանզի կարապին շրջապատող մերձարեւադարձային բնանկարը աւելի յատկանշական է Նիցցային, քան Լօզանին։» [35] Երրորդ անգամ լոյս կը տեսնէ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 76։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 145։ Բանաստեղծութեան ինքնագիրը՝ «Վերյիշում» խորագիրը կը կրէ [36] ։

«Ամէնուն Պէս». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1912 թ. ի թիւ 18-ին մէջ, էջ 287։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 124։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 145։ Չորրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 145։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 140։ Բանաստեղծութեան ինքնագիրը նուիրուած է Յարութիւն Ալփիարին [37], մինչդեռ «Շանթ»ի մէջ ան ձօնուած է՝ «Մերիններուն»։

«Չար Աղջիկը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1912 թ. ի թիւ 18-ին մէջ, էջ 287։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 88։ Երրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 141։ Չորրորդ անգամ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 141։

«Խապրիկ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1912 թ. ի թիւ 20-ին մէջ, էջ 319։ Երկրորդ անգամ՝ նոյն հանդէսի 1914 թ. ի թիւ 57-ին մէջ, էջ 135։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 97։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 70։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 138։

«Բո՜յրը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1912 թ. ի թիւ 20-ին մէջ, էջ 319։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 90։ Երրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 125։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 137։ Հինգերորդ անգամ՝ նոյն թուականին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 91։

«Երթա՜լ…». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1912 թ. ի թիւ 27-ին մէջ, էջ 37։ Երկրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Հայրենիք»ի Դեկտեմբերի թիւին մէջ, էջ 83։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 84։ Չորրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 222։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 74։ Վեցերորդ անգամ՝ 1957-ին, Յ. Օշականի «Հայ Գրականութիւն» հատորին մէջ, էջ 218։ Եօթերորդ անգամ՝ 1980-ին, նոյն հեղինակի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» գրքի Թ. հատորին մէջ, էջ 42-3։ Ութերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 148։ Իններորդ անգամ՝ 1985-ին, «Արարատ» օրաթերթի 23 Փետրուարի թիւ 79 (12739)ի մէջ, էջ Տասներորդ անգամ՝ նոյն թուականին, «Կեդրոնականցի»ի թիւ 3-ին մէջ, էջ 11։ Տասնմէկերորդ անգամ՝ «Բագին» ամսագրի 1980 թ. ի թիւ 10-ին մէջ, էջ 39։ Տասներկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 147։ Տասներրորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 87։

«Սրինգ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Հայ Գրականութիւն» ամսագրի 1913 թ. ի թիւ 9-ին (Մայիս) մէջ, էջ 10։ Երկրորդ անգամ՝ նոյն ամսագրի նոյն տարուան թիւ 12-ին մէջ, էջ 37։ Երրորդ անգամ՝ 1930-ին «Արեւմտահայ Բանաստեղծներ» ժողովածուին մէջ, էջ 346։ Չորրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 233։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 80։ Վեցերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 161։ Եօթերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 149։

«Սկեպտիկ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Հայ Գրականութիւն» ամսագրի 1913 թ. ի թիւ 9-ին մէջ, էջ 10։ Երկրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 221-2։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 78։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 148։ Բանաստեղծութեան տարբերակը արտագրուած է Յակոբովիչի տետրին մէջ [38] ։

«Գիշերին Մէջ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1914 թ. ի թիւ 58-ին (15 Մայիս) մէջ, էջ 147։ Երկրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 227։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 84։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 154։ Հինգերորդ անգամ՝ «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 92։ Քերթուածը նուիրուած է իր եղբօր՝ Հայկի յիշատակին։

«Գիշերն Իջաւ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1914 թ. ի թիւ 58-ին մէջ, էջ 147։ Երկրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 227։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 83։ Չորրորդ անգամ՝ 1965-ին, Եդ. Ջրբաշեանի «Ռուբէն Սեւակ» [39] գրքին մէջ, էջ 18։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 163։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985 թ. ի «Կեդրոնականցի»ի թիւ 3-ին մէջ, էջ Եօթերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 155։ Բանաստեղծութեան տարբերակը կայ Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ, «Քաղցրութիւն» խորագրի տակ [40] ։

«Կ՚արիւնի». Առաջին հրատարակութեան թուականն ու աղբիւրը յայտնի չէ։ Զայն կ՚արտատպենք 1985-ի հրատարակութենէն (էջ 82), որ, որեւէ տեղեկութիւն չի տար այս առընչութեամբ։

«Սէրը». Առաջին անգամ կը հանդիպինք 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 87, «Սէր» խորագրով։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 174։ Բնագիրը պահպանուած է Տիգրան Չիթունի ձեռագրով, ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ 3-ին մէջ։



[1]     Ռուբէն Սեւակ, «Երկեր», Երեւան, Հայպետհրատ, 1955, 260 էջ, խմբ. ՝ Ս. Տարօնցի։

[2]     Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[3]     Ռուբէն Սեւակ, «Քերթուածներու Հաւաքածոյ», Երուսաղէմ, Ս. Յակոբեանց տպարան, 1944։

[4]     Ռ. Որբերեան, Ռ. Սեւակ, Վահան Թէքէեան, Մատթէոս Զարիֆեան, «Երկեր», կազմեց՝ Վ. Գաբրիէլեան, խմբագիր՝ Ռազմիկ Տօնեան, Երեւան, «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, 1981։

[5]     Ռ. Սեւակ, «Երկեր», կազմեց եւ ծանօթագրեց՝ Ալ. Թօփչեան, յառաջաբանը գրեց՝ Ստ. Թօփչեան, Երեւան, «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, 1985։

[6]     Ռ. Սեւակ, «Բժիշկին Գիրքէն Փրցուած Էջեր եւ Քերթուածներ», Փարիզ, «Հայ Գրագէտներու Բարեկամներ» մատենաշար, թիւ 15, 1946։

[7]     Տե՛ս Ա. Յովհաննէսեան, «Ռուբէն Սեւակի Քերթուածները», «Վէմ» (Փարիզ), խմբ. ՝ Ս. Վրացեան, Զ. Տարի, թիւ 5 (Յունուար-Մարտ, 1939), էջ 17։

[8]     Տե՛ս «Ծանօթագրութիւններ», «Երկեր», 1985, Երեւան, էջ 455։

[9]     Տե՛ս Ա. Յովհաննէսեան, նոյն, էջ 17։

[10]    Տե՛ս Ա. Յովհաննէսեան, նոյն, էջ 22։

[11]    Տե՛ս «Արեւմտահայ Բանաստեղծներ» (Ժողովածու Ընտիր Բանաստեղծութիւններու), կազմ. ՝ Ալազան եւ Վ. Նորենց, յառաջաբան՝ Գ. Վանանդեցի, Երեւան, Պետհրատ, 1930։

[12]    Երեւան, 1970, էջ 166։

[13]    Տե՛ս Ա. Յովհաննէսեան, նոյն, էջ 17։

[14]    Նոյն, էջ 18։

[15]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[16]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[17]    Տե՛ս Ա. Յովհաննէսեան, նոյն, էջ 18։

[18]    Յովհ. Չիլինկիրեան, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ», Փարիզ, տպ. Տէր Յակոբեան, 1985։

[19]    Տե՛ս «Ծանօթագրութիւններ»ու բաժինը, «Ռուբէն Սեւակ», «Երկեր», 1985, Երեւան, էջ 456։

[20]    Տե՛ս Ա. Յովհաննէսեան, նոյն, էջ 21։

[21]    Հ. Մ. Պոտուրեան, «Դիցաւան», տարեգիրք, գիրք Ա., Պուքրէշ, 1923, էջ 23։

[22]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 49։

[23]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 79։

[24]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[25]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 77։

[26]    ԱՀՏ, էջ 40-1։

[27]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[28]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[29]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[30]    «Ամենուն Տարեցոյցը», 1911, էջ 284-5։

[31]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 21։

[32]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[33]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ

[34]    ԱՀՏ, էջ 37-38

[35]    Տե՛ս 1985-ի հրատարակութիւն, էջ 460։

[36]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[37]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[38]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 39։

[39]    Եդ. Ջրբաշեան, «Ռուբէն Սեւակ», Երեւան, «Միտք» հրատարակչութիւն, 1965։

[40]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 17։