ԵԻԿԻՏ 
   
    ՏՈՆԷԼ
  
 
   
    Ռուբէն 
   
    Զարդարեանին
  
 
   
    Ա
  
 
   
    Գիշերն 
   
    հասաւ. 
   
    բայց 
   
    կարաւանը 
   
    կ’երթայ
 
   
    Մութ 
   
    քըղանցքէն 
   
    Չամլը-պէլի 
   
    լեռներուն.
 
   
    Դեռ 
   
    շատ 
   
    ատեն 
   
    կայ 
   
    հասնելու 
   
    Եւդոկէա,
 
   
    Պէտք 
   
    է 
   
    կըտրել 
   
    վախի 
   
    ճամբայ 
   
    մը, 
   
    սարսռուն:
 
   
    Հորիզոնին 
   
    տակ 
   
    լուսինն 
   
    է 
   
    քուն 
   
    մըտեր.
 
   
    Հինգ 
   
    օր 
   
    է 
   
    գահ 
   
    չեղաւ 
   
    անոր 
   
    ո՛չ 
   
    մէկ 
   
    սար:
 
   
    Լեռն 
   
    իր 
   
    ոտքէն 
   
    չի 
   
    տարածեր 
   
    իր 
   
    ըստուեր.
 
   
    Մութն 
   
    ըրեր 
   
    է 
   
    վիհ 
   
    ու 
   
    ժայռ 
   
    հարթ, 
   
    հաւասար:
 
   
    Աստղերուն 
   
    վրայ 
   
    կը 
   
    փըռուի 
   
    քօղ 
   
    մ’ամպերու,
 
   
    Իբրեւ 
   
    անոնց 
   
    մերկ 
   
    կուսութիւնը 
   
    ծածկէր:
 
   
    Տեղ 
   
    տեղ 
   
    խաւարը 
   
    ցոլքերէ 
   
    վէրք 
   
    կ’առնու.
 
   
    Վարն 
   
    արեան 
   
    շիթն 
   
    իր` 
   
    կը 
   
    սըրբեն 
   
    տերեւներ:
 
   
    Ծառերն 
   
    հեռուն 
   
    բազէներ 
   
    են 
   
    թեւաբաց,
 
   
    Շըրջմոլ 
   
    շողեր 
   
    մութն 
   
    աւելի՛ 
   
    կ’ընեն 
   
    բարդ:
 
   
    Երկինք 
   
    երկիր 
   
    կարծես 
   
    զիրար 
   
    են 
   
    գըրկած.
 
   
    Քամին 
   
    անոնց 
   
    համբոյրին 
   
    ձայնն 
   
    է 
   
    զըւարթ:
  
 
   
    Բ
  
 
   
    Չորս 
   
    հոգի 
   
    են. 
   
    թիւը 
   
    ջորւոյն` 
   
    քըսան 
   
    է:
 
   
    Դէպի 
   
    քաղաք 
   
    կերպասեղէն 
   
    կը 
   
    տանին.
 
   
    Բոժոժներուն 
   
    ձայնն 
   
    արձագանգ 
   
    կը 
   
    ցանէ`
 
   
    Զուգաչափուած 
   
    սըմբակներու 
   
    դոփիւնին:
 
   
    Երկու 
   
    հոգին 
   
    վաճառական 
   
    են, 
   
    հարուստ.
 
   
    Չամլը-պէլի 
   
    սոսկման 
   
    տեղ 
   
    է. 
   
    չեն 
   
    խօսիր:
 
   
    Թուփի 
   
    մը 
   
    տակ 
   
    սուլող 
   
    օձի 
   
    մը 
   
    փախուստ
 
   
    Անոնց 
   
    ոսկրին 
   
    մէջ 
   
    կը 
   
    լեցնէ 
   
    դող 
   
    մ’անծիր:
 
   
    Ետ 
   
    չեն 
   
    նայիր. 
   
    դէ՜մն 
   
    է 
   
    նայուածքը 
   
    անոնց.
 
   
    Սեւ 
   
    զանգուածի 
   
    մ’համար 
   
    կ’ըսեն. 
   
    Եւդոկէա՜…
 
   
    Եւ 
   
    յանկարծ 
   
    բլուր 
   
    մը 
   
    դուրս 
   
    կու 
   
    տայ 
   
    մութին 
   
    ծոց.
 
   
    Ճրագ 
   
    համարուածը 
   
    կայծոռիկ 
   
    մը 
   
    կ’ըլլայ…
  
 
   
    Գ
  
 
   
    Սիրտը 
   
    խիզախ, 
   
    այդ 
   
    երկուքին 
   
    գրեթէ 
   
    քով,
 
   
    Այն 
   
    ծերն 
   
    ո՞վ 
   
    է, 
   
    որ 
   
    կը 
   
    վարէ 
   
    ձին 
   
    փըրփրող.
 
   
    Ակօսուած 
   
    լեռ 
   
    մ’է 
   
    կարծես 
   
    յա՛ղթ 
   
    դեռ 
   
    ճակտով`
 
   
    Որ 
   
    կը 
   
    հեգնէ 
   
    պահուած 
   
    շանթն, 
   
    ամպը` 
   
    պահող:
 
   
    Կարաւանին 
   
    վարողն 
   
    է 
   
    ան 
   
    եւ 
   
    իր 
   
    տէր:
 
   
    Եիկիտ 
   
    Տոնէլ,
   
    - 
   
    մարդիկը 
   
    զինք 
   
    կը 
   
    կոչեն.
 
   
    Եիկիտ 
   
    Տոնէլ,
   
    - 
   
    կ’արձագանգեն 
   
    սար 
   
    ու 
   
    լեռ:
 
   
    Քաջի 
   
    տիտղոսն 
   
    առաւ 
   
    ան 
   
    է՛ն 
   
    քաջերէն:
 
   
    Իսկ 
   
    ո՞վ 
   
    է 
   
    ան` 
   
    դանդաղ 
   
    երգ 
   
    մ’է 
   
    ձըգեր`
 
   
    Ծերին 
   
    փառքի 
   
    խաղաղ 
   
    ովկիանն 
   
    յուզելով.
 
   
    Անոր 
   
    ականջ 
   
    կը 
   
    դընեն 
   
    նո՛յնիսկ 
   
    վըհեր`
 
   
    Իրենց 
   
    վէպերն 
   
    իր 
   
    շըրթունքէն 
   
    լըսելով:
 
   
    Ըստեփի՛կն 
   
    է, 
   
    սարերու 
   
    քաջ 
   
    պատանին.
 
   
    Տոնէլն` 
   
    հայրն 
   
    է, 
   
    իսկ 
   
    ամազո՛ն 
   
    մ’իր 
   
    մայրիկ:
 
   
    Իր 
   
    օրօրոցը 
   
    մըրրիկներն 
   
    օրրեցին.
 
   
    Ժայռերուն 
   
    վրայ 
   
    փորձեց 
   
    քայլերն 
   
    անդրանիկ:
 
   
    Իր 
   
    երգած 
   
    երգն 
   
    հօրն 
   
    ականջին 
   
    խիստ 
   
    քաղցր 
   
    է.
 
   
    Սիւքին 
   
    սոյլով 
   
    մերթ 
   
    չի՞ 
   
    զբաղիր 
   
    մայրին 
   
    ծեր.
 
   
    Մին 
   
    թեւին 
   
    տակ 
   
    ցօղունիկներ 
   
    կը 
   
    ծըռէ.
 
   
    Միւսն 
   
    արմատով 
   
    սարահարթնե՜ր 
   
    է 
   
    ճեղքեր:
 
   
    Քաջ 
   
    է 
   
    Տոնէլ` 
   
    ամէն 
   
    քաջի 
   
    հետ 
   
    չափուած,
 
   
    Թէ 
   
    ոչ` 
   
    կ’անցնէ՞ր 
   
    գիշերն 
   
    այդպէս 
   
    տեղերէ:
 
   
    Զինքը 
   
    ճանչցող 
   
    լերան 
   
    ամէն 
   
    արարած`
 
   
    Մէյ 
   
    մ’ոտքին 
   
    տակ 
   
    իյնալէն 
   
    վերջ 
   
    ճանչցեր 
   
    է:
 
   
    Իր 
   
    արբունքի 
   
    տարիներուն 
   
    մէջ 
   
    համակ
 
   
    Յաղթանակող 
   
    կեանք 
   
    մ’ունեցաւ 
   
    արութեան.
 
   
    Դեռ 
   
    դողալով 
   
    կը 
   
    պահեն 
   
    իր 
   
    յիշատակ`
 
   
    Վըհի 
   
    վիշապն, 
   
    ոգին 
   
    ճամբուն 
   
    ու 
   
    լերան:
 
   
    Այսօր, 
   
    տարէց, 
   
    կ’ընէ 
   
    արհեստ` 
   
    ըստիպուած
 
   
    Պահանջներէն 
   
    վըսեմ 
   
    գըլխուն 
   
    ճերմկած 
   
    վաղ.
 
   
    Լայն 
   
    խորշոմները 
   
    ծեր 
   
    ճակտի 
   
    մ’երկնաբարձ
 
   
    Անձին 
   
    դէմ 
   
    սէր 
   
    կը 
   
    ներշընչեն 
   
    քան 
   
    թէ 
   
    վախ:
  
 
   
    Դ
  
 
   
    Կարաւանն 
   
    յո՜յլ 
   
    կ’երթայ 
   
    մէջ 
   
    սեւ 
   
    մըշուշին.
 
   
    Ջորին 
   
    անցած 
   
    իր 
   
    վայրերուն 
   
    մէջ 
   
    վարժ 
   
    է. 
 
   
    Ճամբուն` 
   
    տեղեակ, 
   
    նըրբանցներուն 
   
    վրայ` 
   
    ուշիմ: 
 
   
    Դատարկութիւնը, 
   
    խօլ, 
   
    չորս 
   
    դին 
   
    կ’երազէ:
 
   
    Օ՛, 
   
    մութին 
   
    մէջ, 
   
    հոն. 
   
    չի 
   
    տեսնուիր. 
   
    ի՞նչ 
   
    ձայն 
   
    է: 
 
   
    (Չամլը-պէլի, 
   
    վա՜յ 
   
    թէ 
   
    արգանդըդ 
   
    պոռթկայ
 
   
    Գայլ 
   
    կամ 
   
    թէ 
   
    մարդ` 
   
    վիժածներ 
   
    սեւ 
   
    ու 
   
    դըժնէ,
 
   
    Անմիտ 
   
    պատռող, 
   
    կամ 
   
    կողոպտող 
   
    անուղղայ:
  
 
   
    Փակէ՛ 
   
    որջերդ 
   
    ու 
   
    խոռոչներըդ 
   
    խըթէ՛,
 
   
    Խորափիտի 
   
    մ’առջեւ 
   
    իյնան 
   
    թող 
   
    ժայռեր.
 
   
    Ո՛վ 
   
    ահեղ 
   
    լեռ, 
   
    ծալէ 
   
    կըռնակդ, 
   
    հանդարտէ.
 
   
    Անմի՜տ, 
   
    խաւարն 
   
    իր 
   
    մէջ 
   
    Տոնէ՜լ 
   
    մ’է 
   
    ծածկեր): 
 
   
    Ծերն 
   
    ու 
   
    իր 
   
    ձին 
   
    վիզերնին 
   
    վե՛ր 
   
    կը 
   
    տընկեն, 
 
   
    Մին 
   
    կը 
   
    վրընջէ, 
   
    կը 
   
    խորհի 
   
    միւսը 
   
    վըրդով.
 
   
    -Կրունկ 
   
    չէ… 
   
    սըմբակ, 
   
    ձիով 
   
    կու 
   
    գան… 
   
    հոս, 
   
    զոյգ 
   
    են: 
 
   
    Վաճ’ռականները 
   
    կը 
   
    դողան 
   
    գոչելով.
 
   
    -Գող 
   
    են, 
   
    վա՜խ 
   
    կայ…
 
   
    Տոնէլ 
   
    կ’ըսէ. 
   
    Ես 
   
    հոս 
   
    եմ:
 
   
    Կը 
   
    մերկացնէ 
   
    յաղթ 
   
    դաշոյնն 
   
    իր 
   
    պատեանէն, 
 
   
    Եւ 
   
    բումբերուն 
   
    կ’յենու` 
   
    բըռնած 
   
    զայն 
   
    վըսեմ: 
 
   
    Ա՛լ 
   
    կը 
   
    կենայ 
   
    հոն 
   
    կարաւանը 
   
    մէկէն…
 
   
    Նայուածք 
   
    մ’որդին 
   
    կը 
   
    նետէ 
   
    հօր 
   
    նայուածքին, 
 
   
    Որոնք 
   
    զիրար 
   
    կը 
   
    կըտրեն, 
   
    գիծե՜ր 
   
    բոցեղէն: 
 
   
    Ետ 
   
    կը 
   
    մընան. 
   
    գոց 
   
    հրաբուխի 
   
    պէս 
   
    լըռին
 
   
    Մութ, 
   
    խիթալի, 
   
    հեգնոտ, 
   
    խիզախ, 
   
    կը 
   
    սպասե՜ն…
 
   
    Ձայնը 
   
    չորս 
   
    կողմն 
   
    հեւհեւանքով 
   
    կ’ոլորտի.
 
   
    Կոյր 
   
    օդին 
   
    մէջ 
   
    կ’եռայ 
   
    յորձանք 
   
    մը 
   
    համակ: 
 
   
    Թօթուելով 
   
    ծերը 
   
    գիսակներն 
   
    արծաթի` 
 
   
    Կը 
   
    մըռնչէ. 
   
    «Ո՞վ 
   
    էք. 
   
    կեցի՛ք 
   
    հոտ, 
   
    մի՛ 
   
    գաք»:
 
   
    Եկողներուն 
   
    առջեւ 
   
    պատնէշ 
   
    մ’ըլլալու` 
 
   
    Անոր 
   
    շեշտին 
   
    ալիքը 
   
    սոսկ 
   
    կը 
   
    բաւէ: 
 
   
    Պատասխանի 
   
    կու 
   
    տայ 
   
    դէմէն 
   
    ձայն 
   
    մ’ազդու.
 
   
    -»Չելլոյ 
   
    պէյի՜ն 
   
    կողմէ 
   
    կու 
   
    գանք, 
   
    յանձնըւէ»:
  
 
   
    -»Չելլո՜ն… 
   
    կ’ուզէ՞ 
   
    կուրծքին 
   
    դաշոյնըս, 
   
    կու 
   
    տամ.
 
   
    Ծերութենէս 
   
    բաւական 
   
    ժանգ 
   
    վըրան 
   
    կայ: 
 
   
    Ձեր 
   
    ամպն 
   
    այդ 
   
    շա՜տ 
   
    կայծակ 
   
    թափեց, 
   
    շա՜տ 
   
    անգամ.
 
   
    Այս 
   
    լերան 
   
    դէմ, 
   
    ըզգո՜յշ, 
   
    անձրեւ 
   
    չըդառնայ:
  
 
   
    Կը 
   
    յիշէ՞ 
   
    ինք 
   
    բախումներն 
   
    այն 
   
    մահածին, 
 
   
    Ժամանակով 
   
    հեռու 
   
    ասկէ, 
   
    տեղով` 
   
    մօտ.
 
   
    Անշուշտ 
   
    տըւած 
   
    վէրքերս 
   
    ըսպի 
   
    կապեցին,
 
   
    Եւ 
   
    մոռցաւ 
   
    ցաւն` 
   
    յիշելով 
   
    վրէժն 
   
    ու 
   
    ամօթ»:
  
 
   
    Կ’ըսեն 
   
    միւսներն. 
   
    «Եիկիտ, 
   
    ծե՛ր 
   
    ես, 
   
    մի՛ 
   
    փըքար.
 
   
    Չելլոն 
   
    չուզեր 
   
    ներկել 
   
    այդ 
   
    ծոցըդ 
   
    թոռմած.
 
   
    Վայլէ՛ 
   
    հասակդ, 
   
    ու 
   
    մէկ 
   
    կողմ 
   
    դիր 
   
    դաշոյնդ 
   
    յար.
 
   
    Կեանքըդ 
   
    պահէ՛, 
   
    իր 
   
    ասպարէզը 
   
    մեզ 
   
    բաց:
 
   
    Թոռնե՛րդ 
   
    հանգչին 
   
    թող 
   
    ծունկերուդ. 
   
    ապրիլին
 
   
    Ինչպէս 
   
    ձիւնին 
   
    մէջ 
   
    ծաղիկներն 
   
    խընձորի: 
 
   
    Եիկի՛տ, 
   
    շատ 
   
    ենք, 
   
    մեղք 
   
    ես, 
   
    բաւ 
   
    է 
   
    մեզ 
   
    տըրուին
 
   
    Զոյգ 
   
    ճամբորդներն 
   
    ոսկւով, 
   
    հակով` 
   
    զոյգ 
   
    ջորի»:
  
 
   
    -»Գիտցէ՛ք 
   
    անուանս 
   
    հաւատարիմ 
   
    եմ, 
   
    վատե՜ր: 
 
   
    Քանի 
   
    որ 
   
    դեռ 
   
    երակս 
   
    ունի 
   
    ելեւէջ` 
 
   
    Գայլի 
   
    բերնին 
   
    խոյին 
   
    բուրդն 
   
    իսկ 
   
    չեմ 
   
    յանձներ.
 
   
    Մեռէք 
   
    նախ 
   
    դուք` 
   
    թող 
   
    գան 
   
    միւսներ 
   
    ձեզմէ 
   
    վերջ»:
  
 
   
    Ըսաւ. 
   
    եւ 
   
    շո՛ւտ 
   
    մ’ըՍտեփիկին 
   
    դառնալով.
 
   
    -»Օ՛ն, 
   
    յովազիկ, 
   
    մէկը 
   
    քեզի, 
   
    միւսն 
   
    ինծի.
 
   
    Ո՜ւժ` 
   
    դաշոյնիդ, 
   
    ոլորտներուդ 
   
    մէջ` 
   
    խելքո՛վ»: 
 
   
    Ու 
   
    երկուստեք 
   
    խոյացան 
   
    շուտ 
   
    մ’հարուածի:
  
 
   
    Հայրը 
   
    հոս 
   
    է, 
   
    եւ 
   
    հոն 
   
    է 
   
    իր 
   
    քաջ 
   
    որդին: 
 
   
    Ձիամարտի 
   
    մէջ 
   
    քուրդերն 
   
    ալ 
   
    կարող 
   
    են.
 
   
    Ու 
   
    նըժոյգներն 
   
    ահեղօրէն 
   
    կը 
   
    կատղին
 
   
    Երկկողմանի 
   
    կօշիկներու 
   
    խըթանէն:
  
 
   
    Կը 
   
    ծամծըմեն 
   
    լըկամն 
   
    իրենց. 
   
    կը 
   
    դոփեն.
 
   
    Մերթ 
   
    բարձրացած 
   
    վըրան 
   
    վերջի 
   
    ոտքերնուն` 
 
   
    Առջիններով 
   
    լանջքերն 
   
    իրենց 
   
    կը 
   
    թոպեն.
 
   
    Կը 
   
    խըրխընջան, 
   
    կը 
   
    շամբշոտին 
   
    ու 
   
    կ’ոստնուն:
  
 
   
    Ու 
   
    կըռուողներն 
   
    արբած 
   
    խանդով 
   
    մոլուցքի` 
 
   
    Կ’ուզեն 
   
    իրար 
   
    տափկել 
   
    ձիերը 
   
    կըրկին, 
 
   
    Որպէսզի 
   
    գան 
   
    դաշոյն 
   
    դաշնոյ, 
   
    կուրծք 
   
    կուրծքի: 
 
   
    Բերնէ 
   
    փըրփուր, 
   
    աչքէ 
   
    բոցեր 
   
    կը 
   
    ժայթքին:
  
 
   
    Այս 
   
    երկու 
   
    զոյգ 
   
    որոտումներն 
   
    քով 
   
    քովի`
 
   
    Թաթառի 
   
    պէս 
   
    կը 
   
    դառնան 
   
    մէջն 
   
    ըստուերի: 
 
   
    Սարսռուն 
   
    է 
   
    մարտն, 
   
    անխօս, 
   
    ջլաձիգ, 
   
    կորովի: 
 
   
    Ձիերն 
   
    ըստէպ 
   
    կը 
   
    խոյանան, 
   
    կ’ընկըրկին:
  
 
   
    Ըստեփ 
   
    մատաղ 
   
    թըռիչ 
   
    մըն 
   
    է 
   
    մըրրկին 
   
    դէմ,
 
   
    Իսկ 
   
    Տոնէլ 
   
    ամպ 
   
    մ’ամպի 
   
    մը 
   
    հետ 
   
    գիրկ 
   
    գըրկի,
 
   
    Որոնց 
   
    մէջտեղ 
   
    դաշոյններ 
   
    շանթ 
   
    կը 
   
    ցայտեն` 
 
   
    Դէմքերն 
   
    անոնց 
   
    ներկելով 
   
    գոյն 
   
    կըրակի:
  
 
   
    Հայրը 
   
    ծերուկ 
   
    առիւծ 
   
    մըն 
   
    է, 
   
    հեւհեւուն.
 
   
    Որդին 
   
    կորի՜ւն, 
   
    հօր<ն>` 
   
    նախանձորդ, 
   
    ահարկու, 
 
   
    Որ` 
   
    անվըստահ 
   
    դեռ 
   
    ուժերուն` 
   
    մերթ 
   
    ձիուն 
 
   
    Պարանոցին 
   
    տակ 
   
    կը 
   
    թաղուի, 
   
    մերթ 
   
    կ’ոստնու:
  
 
   
    Դէմքերէ 
   
    վար 
   
    արեան 
   
    վտակներ 
   
    կը 
   
    հոսին, 
 
   
    Եւ 
   
    քըրտինքին 
   
    հետ` 
   
    ձիերուն 
   
    պինչն 
   
    իջած` 
 
   
    Կը 
   
    ժայթքին 
   
    դուրս 
   
    անոնց 
   
    շունչով 
   
    միասին.
 
   
    Արի՜ւն 
   
    լաւայ, 
   
    հըրաբուխէ 
   
    պոռթկացած:
  
 
   
    Եւ 
   
    բազուկներ, 
   
    լանջքեր, 
   
    պայտեր 
   
    կ’ընդհարին, 
 
   
    Ժայռ 
   
    մ’իբր 
   
    իյնար 
   
    ժայռի 
   
    մը 
   
    վրայ 
   
    ուժգնօրէն: 
 
   
    Ծառերուն 
   
    մէջ 
   
    կը 
   
    թըրթռայ 
   
    օդը 
   
    չորս 
   
    դին.
 
   
    Արծիւներն 
   
    ալ 
   
    բոյներնուն 
   
    մէջ 
   
    կը 
   
    կըռչեն:
  
 
   
    Մացառ 
   
    մ’անդին 
   
    սարահարթին 
   
    հետ 
   
    քակուած` 
 
   
    Կը 
   
    տընկէ 
   
    իր 
   
    արմատներն, 
   
    հո՛ն, 
   
    ձորէն 
   
    վար.
 
   
    Եւ 
   
    գամերուն 
   
    տակ 
   
    կը 
   
    ցայտեն 
   
    խիճեր 
   
    կայծ.
 
   
    Կը 
   
    խըլուի 
   
    թուփն, 
   
    իրար 
   
    կ’անցնին 
   
    խոտ 
   
    ու 
   
    քար:
  
 
   
    Աղջամուղջին 
   
    մէջ 
   
    ուրուրնե՜ր 
   
    օդաչու, 
 
   
    Ահե՜ղ 
   
    յորձանք 
   
    կ’ընեն, 
   
    կ’ընեն 
   
    միշտ 
   
    հոլով.
 
   
    Դաշոյններուն 
   
    մէջտեղ 
   
    Մահն 
   
    է, 
   
    իրարու
 
   
    Զայն 
   
    կը 
   
    մըղեն, 
   
    Կեանքն 
   
    իրարմէ 
   
    քաշելով:
 
   
    Յանկարծ, 
   
    դէմի 
   
    լերան 
   
    վերին 
   
    նեղ 
   
    կիրճէն`
 
   
    Վազող 
   
    ոտքի 
   
    կը 
   
    լըսուի 
   
    խուլ 
   
    դոփիւններ.
 
   
    Հայրն 
   
    ու 
   
    որդին 
   
    կատղած 
   
    ակռայ 
   
    կը 
   
    կըրճտեն:
 
   
    Տոնէլ 
   
    դէպ 
   
    ձայնն 
   
    այդ 
   
    կը 
   
    գոռայ. 
   
    «Ա՜յ, 
   
    շուներ»:
 
   
    Նուաղելով 
   
    կա՛նչն 
   
    իր 
   
    որոտի 
   
    պէս 
   
    կ’երթայ:
 
   
    Ատենը 
   
    չէ 
   
    ասոնց 
   
    հետ 
   
    ա՛լ 
   
    խաղալուն.
 
   
    Պէտք 
   
    է 
   
    վերջ 
   
    տալ: 
   
    Կը 
   
    հաւաքէ 
   
    բազկին 
   
    վրայ
 
   
    Երիտասարդ 
   
    թափերը 
   
    ծեր 
   
    ջըղերուն:
 
   
    Ուժ 
   
    կ’առնէ 
   
    մէկ 
   
    ձեռքը 
   
    մղելով 
   
    գաւակին.
 
   
    Ասպանդակին 
   
    վրայ 
   
    կը 
   
    կանգնի, 
   
    շեղակի.
 
   
    Կ’իջնէ 
   
    դաշոյնն. 
   
    - 
   
    ահռելի՜ 
   
    կոչ. 
   
    - 
   
    ոսոխին
 
   
    Ըստինքն 
   
    ամբողջ, 
   
    արիւնոտ, 
   
    խոր, 
   
    կը 
   
    ճեղքի:
 
   
    Կ’իյնայ, 
   
    անշո՜ւշտ…
 
   
    Տոնէլ 
   
    շտապով 
   
    օգնական
 
   
    Կ’երթայ 
   
    որդւոյն, 
   
    անոր 
   
    ճիգին 
   
    տալու 
   
    վերջ.
 
   
    Արդէն 
   
    կու 
   
    գայ 
   
    ըՍտեփն 
   
    հըպարտ, 
   
    յաղթակա՜ն.
 
   
    Կը 
   
    նըշմարէ 
   
    ծերը, 
   
    անդին, 
   
    մութին 
   
    մէջ
 
   
    Միւս 
   
    ոսոխն 
   
    ալ` 
   
    որ 
   
    անկենդան 
   
    կ’առկախի
 
   
    Ձիուն 
   
    կառչող 
   
    ասպանդակէն, 
   
    մերկ 
   
    գանկով`
 
   
    Քարերէ 
   
    քար 
   
    կը 
   
    քաշքըռտուի, 
   
    կը 
   
    բախի.
 
   
    Ձիերն, 
   
    անսանձ, 
   
    դաշտը 
   
    կ’իյնան` 
   
    դիակո՜վ…
  
 
   
    Ե
  
 
   
    -»Կու 
   
    գան, 
   
    ըՍտե՛փ, 
   
    կը 
   
    մօտենան 
   
    քայլ 
   
    առ 
   
    քայլ:
 
   
    Հրացանըս, 
   
    օ՛ն, 
   
    բակեղին 
   
    մէջ 
   
    դըրեր 
   
    եմ.
 
   
    Իմինըս 
   
    բեր, 
   
    եւ 
   
    չըմոռնաս 
   
    քուկինդ 
   
    ալ»:
 
   
    -»Նախ 
   
    իմինս 
   
    ա՛ռ, 
   
    քուկինդ 
   
    հիմա 
   
    կը 
   
    բերեմ»:
 
   
    -»Կեցի՛ր, 
   
    վար 
   
    առ 
   
    հակերը 
   
    շէկ 
   
    ջորիին.
 
   
    Ճամբորդներն 
   
    հո՛ն, 
   
    հո՛ն 
   
    կըծկըւին 
   
    քով 
   
    քովի: 
 
   
    Ըզգո՜յշ 
   
    ըլլան, 
   
    դառն 
   
    է 
   
    կարկուտն 
   
    հրացանին»: 
 
   
    Սուրաց 
   
    ըՍտեփ, 
   
    Տոնէլ 
   
    կեցաւ… 
   
    կը 
   
    խորհի…
  
 
   
    Զ
  
 
   
    Լերան 
   
    դիմաց 
   
    պատ 
   
    մը 
   
    կայ, 
   
    հոն, 
   
    քի՜չ 
   
    հեռու.
 
   
    Քառակուսւոյ 
   
    մը 
   
    դիմացկուն 
   
    մասը 
   
    միակ.
 
   
    Փարախ 
   
    երբեմն, 
   
    հիմա 
   
    բընակ 
   
    օձերու.
 
   
    Մերթ 
   
    արհաւիրք 
   
    ճամբորդին` 
   
    մերթ 
   
    պահպանակ:
  
 
   
    Լա՛ւ 
   
    է…
 
   
    Տոնէլ 
   
    հոն 
   
    խոյացաւ 
   
    հերարձակ.
 
   
    Ըստեփիկն 
   
    ալ, 
   
    աշխոյժ, 
   
    անոր 
   
    ետեւէն.
 
   
    Մին 
   
    արծիւն 
   
    էր 
   
    կարծես` 
   
    միւսն 
   
    արծուեձագ` 
 
   
    Որոնք 
   
    թռիչնին 
   
    բաբախելով 
   
    վար 
   
    կ’իջնեն:
  
 
   
    Փըրթելու 
   
    մօտ 
   
    մէջտեղն 
   
    է 
   
    կռիւը` 
   
    տարտամ: 
 
   
    -»Ըստե՛փ, 
   
    լեցո՛ւր, 
   
    դու 
   
    միշտ 
   
    հրացաններ, 
 
   
    Պատրաստէ 
   
    մահն, 
   
    ես 
   
    անոր 
   
    տեղ 
   
    կը 
   
    գըտնամ.
 
   
    Բիրը 
   
    շինէ, 
   
    հարուածը 
   
    թո՛ղ 
   
    բազկիս 
   
    ծեր»:
 
   
    Եւ 
   
    կը 
   
    բանայ 
   
    զոյգ 
   
    մ’որմածակ 
   
    բոլորշի.
 
   
    Ու 
   
    մէկուն 
   
    վրայ 
   
    հըրացանն 
   
    իր 
   
    կ’յենու 
   
    շուտ, 
 
   
    Սեւ 
   
    խառնարա՜ն 
   
    հըրաբուխի, 
   
    որ 
   
    լայնշի, 
 
   
    Աղջամուղջին 
   
    մէջ 
   
    կը 
   
    բացուի 
   
    ըսպառնուտ:
  
 
   
    Բո՜մբ…
 
   
    Եւ 
   
    գանգի՛ւն 
   
    կու 
   
    տայ 
   
    բնութիւնն 
   
    ընդհանուր: 
 
   
    Ճամբորդ 
   
    տէրերն 
   
    հակերուն 
   
    տակ 
   
    կը 
   
    սարսռան, 
 
   
    Իբր 
   
    առնէտներ 
   
    թուփի 
   
    մ’ետեւ 
   
    թաքթաքուր` 
 
   
    Երբ 
   
    ժըխորով 
   
    կառք 
   
    մը 
   
    կ’երթայ 
   
    ճամբուն 
   
    վրան:
  
 
   
    Խուլ 
   
    հարուածներ 
   
    կ’արձագանգեն 
   
    դէմ 
   
    դիմաց: 
 
   
    Գիշերն 
   
    ամէն 
   
    բանի 
   
    կապած 
   
    է 
   
    դիմակ.
 
   
    Թըշնամւոյն 
   
    կոյր 
   
    գընտակներն 
   
    յար 
   
    մոլորած` 
 
   
    Բա՛խտը 
   
    կ’ընեն 
   
    իրենց 
   
    իբրեւ 
   
    նըշաւակ:
 
   
    Տեղն` 
   
    յարմար 
   
    է, 
   
    ծերն 
   
    հարուածին` 
   
    ապահով` 
 
   
    Զի 
   
    կը 
   
    սպաննէ 
   
    զայն` 
   
    որ 
   
    նետած 
   
    է 
   
    դէմէն, 
 
   
    Անոր 
   
    բոց 
   
    հետքն 
   
    իրեն 
   
    ճամբայ 
   
    առնելով.
 
   
    Մահն 
   
    իր` 
   
    ճամբէն 
   
    չէ 
   
    շեղած 
   
    ո՛չ 
   
    մէկ 
   
    ատեն:
  
 
   
    Շանթ 
   
    տանելով` 
   
    ծուխը 
   
    կ’երթայ 
   
    ամպի 
   
    նման, 
 
   
    Կ’երթա՜յ 
   
    ձայնն` 
   
    հոն 
   
    լըռութիւն 
   
    մ’ալ 
   
    շինելու: 
 
   
    Հուր 
   
    կարկուտնե՛ր 
   
    ժայռին 
   
    կ’ոստնուն, 
   
    կու 
   
    գան 
   
    ման. 
 
   
    Կ’իյնան 
   
    քարեր, 
   
    փըխրած, 
   
    գլորուն, 
   
    օդաչու:
  
 
   
    Պատուարն 
   
    մուխի` 
   
    եւ 
   
    Տոնէլ 
   
    ալ 
   
    քըրտինքի
 
   
    Մէջ 
   
    կը 
   
    լողան, 
   
    մին` 
   
    գաղփաղփ, 
   
    մի՛ւսը` 
   
    յոգնած:
 
   
    Պէտք 
   
    է 
   
    յաղթե՜լ: 
   
    Գընտակներէն 
   
    կը 
   
    ճեղքի
 
   
    Պատուարն` 
   
    ասպար` 
   
    զոր 
   
    հաստատեց 
   
    հոն 
   
    Աստուած:
  
 
   
    Միջոցին 
   
    մէջ 
   
    կ’երկըննան 
   
    շառ 
   
    երակներ.
 
   
    Կըրա՜կ 
   
    արիւն` 
   
    որ 
   
    ջուր 
   
    արեան 
   
    խառնուելու
 
   
    Կ’երթայ 
   
    վէտ 
   
    վէտ. 
   
    գիշերն 
   
    յակինթ 
   
    է 
   
    հագեր.
 
   
    Լոյսը` 
   
    ծուխին, 
   
    ծուխն` 
   
    ըստուերին 
   
    է 
   
    հըլու:
  
 
   
    Շուրջը 
   
    կը 
   
    լսուի 
   
    տըխուր 
   
    սօսափ 
   
    մը 
   
    թըրթռուն,
 
   
    Օդն 
   
    անկէ 
   
    խոյս 
   
    կու 
   
    տայ 
   
    կարծես 
   
    յորձանուտ.
 
   
    Եւ 
   
    վըտակուող 
   
    բոցին 
   
    երկու 
   
    ափերուն
 
   
    Կը 
   
    դիզուի 
   
    մուխն, 
   
    հըրէշային, 
   
    ծըփանուտ:
 
   
    Նոյն 
   
    ատեն` 
   
    նո՜յն 
   
    որոտն 
   
    ունի 
   
    ամէն 
   
    լեռ.
 
   
    Կ’ելեւէջի 
   
    թոյլ 
   
    լըռութիւնն 
   
    աղմուկէն.
 
   
    Կարծես 
   
    ամէն 
   
    ձորի 
   
    մէջ 
   
    կան 
   
    վիշապներ` 
 
   
    Որ 
   
    հրացանին 
   
    հետ 
   
    կը 
   
    գոռան, 
   
    կը 
   
    լըռեն:
  
 
   
    Բայց 
   
    հարուածները 
   
    երթալով 
   
    կ’անօսրին.
 
   
    Թըշնամւոյն 
   
    մէջ 
   
    տագնա՛պ 
   
    մըն 
   
    է` 
   
    կը 
   
    սկըսի. 
 
   
    Գրեթէ 
   
    ամէն 
   
    մէկ 
   
    հարուածէն 
   
    Տոնէլին` 
 
   
    Գանկ 
   
    մը 
   
    ժայռէն` 
   
    ձորին 
   
    միջեւ 
   
    կը 
   
    սուզի:
  
 
   
    Մարմիններ 
   
    լի 
   
    արեամբ` 
   
    կ’իյնան 
   
    ցիրուցան.
 
   
    Դեռ 
   
    կը 
   
    փընտռե՛ն 
   
    կարծես 
   
    աչքով 
   
    մը 
   
    անբոց` 
 
   
    Ձեռքն` 
   
    որ 
   
    առաւ 
   
    իրենց 
   
    թանգ 
   
    կեանքն 
   
    ու 
   
    հրացանն.
 
   
    Պատանք 
   
    կ’ըլլայ 
   
    Տոնէլի 
   
    փառքը 
   
    անոնց:
  
 
   
    Կ’իյնան, 
   
    կ’իյնան, 
   
    զերդ 
   
    տերեւներն 
   
    աշունին` 
 
   
    Զոր 
   
    պարխուրցներն 
   
    ա՛լ 
   
    ծառէն 
   
    վար 
   
    կը 
   
    նետեն.
 
   
    Երկու 
   
    հոգի՜ 
   
    լոկ, 
   
    յուսահատ, 
   
    մընացին.
 
   
    Կը 
   
    գալարուին, 
   
    կ’ապշոպին 
   
    դառն 
   
    աղէտէն:
  
 
   
    Չելլոն 
   
    մարմինն 
   
    իր 
   
    կը 
   
    կըրծէ. 
   
    հո՜րձք 
   
    անհուն.
 
   
    Կ’աղաղակէ. 
   
    «Եիկիտ, 
   
    դադրէ՛, 
   
    լըմընցա՜յ, 
 
   
    Չըկայ 
   
    այլեւս 
   
    իշխանը 
   
    այս 
   
    լեռներուն.
 
   
    Քաջերս 
   
    առիր, 
   
    փառքըս 
   
    առիր, 
   
    ալ 
   
    ահա,
  
 
   
    Մինակ, 
   
    ծածուկ 
   
    միշտ 
   
    վախնալով 
   
    դահիճէ` 
 
   
    Պիտ’ 
   
    քաղքին 
   
    մէջ 
   
    ըլլամ 
   
    մուրիկ 
   
    մը, 
   
    անզէն»: 
 
   
    Կ’ըսէ: 
   
    Կ’առնէ 
   
    հրացանն, 
   
    հե՛ղ 
   
    մ’ալ 
   
    կը 
   
    քաշէ.
 
   
    Կ’երթայ 
   
    գընտակը, 
   
    կու 
   
    գայ 
   
    ուրի՛շ 
   
    մը 
   
    դէմէն.
 
   
    Չելլոն 
   
    կ’իյնայ…
 
   
    Կ’իյնայ 
   
    Տոնէլ 
   
    անդիէ՜ն…
 
   
    …Որմածակերը 
   
    կը 
   
    մըխան 
   
    զերդ 
   
    քուրայ: 
 
   
    -»Հա՜յր 
   
    իմ, 
   
    հա՜յր 
   
    իմ, 
   
    կը 
   
    սարսըռաս, 
   
    ո՛հ, 
   
    ինչէ՞ն»:
 
   
    -»Տըղաս… 
   
    այո՛. 
   
    նըստինք, 
   
    ահ, 
   
    սա՜ 
   
    քարին 
   
    վրայ»:
 
   
    Կը 
   
    դողդըղայ 
   
    ծերունին 
   
    ծնօտը 
   
    սեղմած
 
   
    Եւ 
   
    կը 
   
    կախէ 
   
    կուրծքէն 
   
    վար 
   
    գլուխն 
   
    ըսպիտակ:
 
   
    -»Հա՛յր, 
   
    յոգնա՞ծ 
   
    ես. 
   
    զարնըւեցա՞ր… 
   
    ո՛վ 
   
    Աստուած,
 
   
    Կարծես 
   
    թալթլում 
   
    մը 
   
    կը 
   
    հեւայ 
   
    լանջքիդ 
   
    տակ»:
 
   
    Եւ 
   
    հօրը 
   
    վրայ 
   
    ըՍտեփն 
   
    յուզուած 
   
    կը 
   
    հակի`
 
   
    Ձեռքը 
   
    մարմնոյն 
   
    խարխափելով. 
   
    գիշեր 
   
    է.
 
   
    - 
   
    Շող 
   
    մը, 
   
    կաթի՜լ 
   
    մը 
   
    շող 
   
    պէտք 
   
    է 
   
    լուսնակի 
   
    - 
 
   
    Ծընօտն 
   
    ինչո՞ւ 
   
    սեղմած 
   
    է 
   
    ան. 
   
    կը 
   
    բըռնէ,
 
   
    Կը 
   
    շօշափէ. 
   
    խոնաւութի՜ւն. 
   
    պատանին
 
   
    Խօլ 
   
    կը 
   
    գոչէ. 
   
    «Արի՜ւն, 
   
    արի՜ւն»: 
   
    Այս 
   
    ձայնէն
 
   
    Լըռիկ 
   
    դաշտերը 
   
    վերըստին 
   
    կ’աղմըկին.
 
   
    Գետը 
   
    կու 
   
    լայ, 
   
    ճամբորդներն 
   
    հոն 
   
    կը 
   
    վազեն:
 
   
    -»Ես 
   
    կը 
   
    մեռնիմ, 
   
    կ’ըսէ 
   
    Տոնէլ, 
   
    քաջ 
   
    եւ 
   
    վեհ.
 
   
    Իմ 
   
    մայրս 
   
    արի 
   
    զիս 
   
    ծընած 
   
    է 
   
    լերան 
   
    վրայ.
 
   
    Հոս 
   
    լերան 
   
    վրայ 
   
    բացէք 
   
    շիրիմըս 
   
    նըժդեհ.
 
   
    Տըւէք 
   
    զէնքերս, 
   
    պատանքըս 
   
    զէ՛նք 
   
    թող 
   
    ըլլայ»:
 
   
    Կը 
   
    մեռնի 
   
    հո՜ն, 
   
    փըռուած 
   
    գըրկին 
   
    մէջ 
   
    զաւկին:
 
   
    Երբ, 
   
    ճեղքած 
   
    մութն, 
   
    հոգին 
   
    կ’երթայ 
   
    աշխարհէն`
 
   
    Գայլը 
   
    կ’ոռնայ, 
   
    շոճերը 
   
    յաղթ 
   
    կը 
   
    հակին,
 
   
    Կը 
   
    պատռի 
   
    ամպն 
   
    եւ 
   
    իրերն 
   
    ալ 
   
    կը 
   
    հեծեն:
 
   
    Կ’ողբայ 
   
    ըՍտեփ 
   
    լըռութեան 
   
    մէջ, 
   
    մըթութեան,
 
   
    Ինկած` 
   
    այն 
   
    մեծ 
   
    դիակին 
   
    վրայ 
   
    լուսատարր:
 
   
    Որդիական 
   
    արցունքն, 
   
    արիւնն 
   
    հայրական
 
   
    Իրար 
   
    խառնուած 
   
    հոն 
   
    կը 
   
    մընան 
   
    անմխիթար:
  
 
   
    Է
  
 
   
    Փոս 
   
    մ’ըսկըսան 
   
    բանալ 
   
    պատին 
   
    քովն 
   
    ի 
   
    վեր.
 
   
    Դաշոյնն 
   
    էր` 
   
    թի 
   
    եւ 
   
    տաք 
   
    հրացանը` 
   
    բըրոց, 
 
   
    Կ’ընդդիմանար 
   
    հողը` 
   
    իբրեւ 
   
    թէ 
   
    վախէր
 
   
    Եիկիտ 
   
    Տոնէլ 
   
    մ’ամփոփելու 
   
    իր 
   
    մութ 
   
    ծոց:
 
   
    Զետեղեցին: 
   
    Հողէն 
   
    մազերը 
   
    սեւցան.
 
   
    Կընճիռներուն 
   
    մէջ 
   
    ցուրտ 
   
    փոշին 
   
    դողդըղաց.
 
   
    Եւ 
   
    կուրծքին 
   
    վրայ 
   
    խաչ 
   
    մը 
   
    եղան 
   
    սըրբազան
 
   
    Դաշոյնը` 
   
    մերկ, 
   
    եւ 
   
    իր 
   
    հրացանը` 
   
    լեցուած…
 
   
    Տարի՜ 
   
    անցաւ…
  
 
   
    Առտու 
   
    կանուխ 
   
    ո՞վ 
   
    է 
   
    ան` 
 
   
    Որ 
   
    կը 
   
    շըրջի 
   
    գերեզմանի 
   
    մը 
   
    չորս 
   
    դին, 
 
   
    Ուր 
   
    խոտն 
   
    է 
   
    զարդ, 
   
    եւ 
   
    պատ 
   
    մը 
   
    լոկ` 
   
    մահարձան.
 
   
    Ճամբո՞րդ 
   
    մ’է 
   
    ան 
   
    թէ 
   
    ուրուական 
   
    շիրմային:
  
  
   Ո՛չ: 
  
   Ան 
  
   մարտիկ 
  
   մ’է 
  
   եկած 
  
   մօտ 
  
   լեռներէն` 
 
  
  
   Կըռուէն 
  
   առաջ 
  
   օրհնել 
  
   տալու 
  
   իր 
  
   զէնքեր.
 
  
  
   Զի 
  
   Տոնէլի 
  
   շիրիմն 
  
   եղած 
  
   է 
  
   արդէն
 
  
  
   Ուխտատեղի` 
  
   ուր 
  
   կ’այցելեն 
  
   դիւցազներ: