Գեղի նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Գ

... Հեղ մի հէնց մեր առողջական վիճակը պատմեմ։ Գեղի մարդուն հարիւրին 20ը, 30ը գիշեր ցորեկ հիւանդ են ոտքի վրայ ու անկողիններու մէջ։ Կիրակի առաւօտ մը պահ մը ժամուն ճամբան նստինք, մէկ մէկ ու ժիր ժիր՝ անցող գացողին աչքն ու երեսը հայինք։ Այդ դէմքերուն վրայ քրտինքն ու փոշին արեւին ասեղներովը ծեծուած՝ ոճրագործներու խարանին սարսափը կը թողուն։ Երկայն, հուժկու մարդ է կ’ըսես. լա՛ւ նայիր, տանիքը ձգուած թաց ուռենիին պէս ծռմռկած տեղը չորցեր է, մէջքը չի շիտկեր, ձեռքերը ետին խաչկպած նեցուկ կը պահէ. ո՛չ կուրծքին բաճկոնը կայ, ոչ ոտքը գուլպայ ունի, տրեխն ալ լոխ, լոխ ծակծկած, մինչեւ ծնկուըները մերկ, ժամ կ՚երթայ. իրաւ է, բայց գետը մտնողէ մը չի տարբերիր։ Ծեր օձի մը դանդաղ գալարումը կը նշմարուի գագաթէն կրունկը, աջ ձախ նայելու սիրտ չըներ։ Հիւանդ է։ Ատկէ աւելի լուրջ դէ՜մք։ Յոյսը տէրտրուն մնացեր է որ պատարագէն վերջ վրան Աւետարան մը թոթուէ։ Մարսուպն էր ատիկա. եէկէն Թորոսը, ընքապապ Կարապետն ու խնամի Սարգիսը ահա. միւսներուն մոռցած եմ անունները, ամենքն ալ նոյն մարդիկը, յիսունն անցուցած գայլի կերակուրներ, լեռը թողուելէն զատ բանի չեն գար. բայց մի՛ խնդար, գիւղացին բանէ ինկած սմբակաւորը ախոռէն դուրս կը վտարէ, ուժէ ու տարիքէ մաշած կովն ու եզն ալ դանկին տակ կը փռէ, մսացու, գնտիկցու. վերջիններ այդ անուններով կ’որոշուին միւս գործօն ցեղակիցներէն, երբ ա՛լ այն անկման հասեր են։

Մեր այս աղբրտոց մէկուն սրունքը կը ծալուի, ուրիշի մը անութին տակ հանք [1] ելած է, թեւը չի կրնար կախել. սա գէշ հազ մը ունի, ամէն քայլափոխի դգալ մը մաղաս կը նետէ, հազը բռնելու ատեն հնդկահաւի զանգակաւոր ղօղը կը լսես փորէն. սըվոր ալ երկու երեսները սեխի մը կլորն ու դալուկը ունին, աչուընուն պիտկուցը սեւունցին հետ տարտամ խառնում մը կ’երեւցնէ, պիտկուցը էրդի գոյն ունի։ Քեզմէ ինձմէ կարեկցութիւն է ուզածը, քովը գնա, մարդ ես, բերանդ հեռու մի՛ բռներ. կրնայի՞ր ըսել զգացածներէդ։ Թո՛ղ, աղբար, թո՛ղ, որ ճանբան երթայ. բժիշկ, հիւանդանոց, դեղ դեղագիր ձրի՞ կը տրուին. եկեղեցին ամէն բան է։

* * *

Ժամէն դարձեր են, տէրտէրն իր Աւետարանով իրաւ է թէ քի՛չ մը իւղ կաթեցուցեր է այդ ցամքած պատրոյգներուն վրայ, դեռ կարելի է քիչ մըն ալ կրնան վառիլ մութ աղօտ, բայց խեղճերը տուն հասնին չի հասնին, դարձեալ առաջուան քուրջ անկողնին մէջ նոյն դժոխք թոնրին բոլորքը՝ մէկ երկու շաբաթ ալ, Աստուած հոգեստնուն ողորմի։ Մի՛ ցնցուիք, բոլորն ալ մէկանց նոյն շաբթուն չեն վժիր [2]. քանի մըներ ձմրան ձիւներուն կ’երթան, շատերն ալ գարնան դռները բացուելուն պիտի սպասեն։

Գիւղային հիւանդութիւններէն կան բաւական տեսակներ որ յայտնի սերնդական կը սեպուին, գաղիականը, սրաճան, լուսնոտութիւնը։ Թոքախտը նոր պատմութիւն ունի։ Գաղիականը աճեցուն յառաջդիմութեան մը մէջ կ’երեւի երկու սեռին մէջ. բժիշկ չերեւնար անոր շուրջը, տնեցին գէշ արհամարհանք մը կը տածէ անոր դէմ, ու ենթական ինքն իրեն մնալով անկէ իր ազատումին միջոց ճանչցած է պահեցողութիւնը, թթուէն, լեղիէն հեռու ապրիլ, ծխումի փորձերն ընել եւայլն։

Մինչեւ այդ ողորմուկ փորձերուն հաւանական հետեւանքը, բանը բանէն անցած կ’ըլլի. քիթն երեսներուն հետ հաւասարած՝ զոյգ մը մախթի [3] ծակ թողեր են, ակռաները մեռելոտիի մը անարիւն շարքէն վերցուած։ Աւելին հասկնալ ուզողը, գօտին քակել կուտայ, ամբողջութիւնը կը տեսնէ։

Աւրուք աչքեր, սառնորակին երեսը կարմիր գզուած գիծերով, ջրջրուկ կոպերու մէջ աղը դրուած խաղողահատի մը պէս փքուած, ճմռթկած, աչքեր այդ պատկերներով շատ կան։ Գեղի մը մէջ, որչափ ալ քիչուոր, երեք չորս կոյրերու, հինգ վեց միականիներու, այդչափ ծաղկաւեր դէմքերու, այդչափ ու աւելի գոնճ գլուխներու, անսովոր չէ պատահիլ. կաղերը իրենց տեսակներով մի՛ ըսէք թէ մոռցայ։ Այս խօթութիւնները համեմատաբար աւելի ծանրացած կը տեսնուին ստորին դասերու վրայ, անոնցմէ էն անճարակները մարդերու միւս խաւերուն ժժմանքը ներկայացնելու դժբախտութիւնն ունին. ասոնք են որ ձեռքով չվաստկուած հացը լեզուով մը պիտի յաջողցնեն, եթէ այդ միեւնոյն վիճակին մէջ յաջողեցան տէրտրուն վկայութիւնով, Հայր Սուրբին կնիքովը թուղթ մըն ալ փակցնել իրենց ոսկոր կուրծքերնուն վրայ։ Այսպէս անաչք էրիկ մը, միաչէն եղբայր մը, կաղ դրացին մը ու ցաւագար ազգական մը, իրենց կնկանը քրոջը կամ ոեւէ մէկ ազգականին հետ միեւնոյն ցուպին ծայրերէն բռնած լեռէ լեռ թուփէ թուփ ճամբայ առնելով՝ գարունը ձմրան ետեւէն հաշուելու խղճուկ գոյութեան մը տէրերը կը մնան։

Պատուաստի դրութիւնը ամէն տան համար մատչելի չէ. ծաղիկ ու հարսանիթ ամէն եղանակի մէջ ալ առանց զոհի չեն մնար։ Այս նկատմամբ եթէ ձեր բերնէն անհոգութիւն բառն իյնայ գիւղացուն սրտին վրայ, ետեւէն ես ալ ամենէն հասարակ բանն ըսած ըլլալու համար պիտի աւելցնէի թէ բժշկի երես տեսնելը խորանին վրայ Քրիստոս տեսնելու չափ դժուարութիւն մըն է անոնց համար։ Տենդ, ջերմախտ, թոքատապ, եւայլն ընթացիկ հիւանդութիւններ կը մնան։ Տարուկը կը յիշեմ, քաղաքացի դէմքերու յատուկ վէրքն է։ Քաղաքացի աղջիկներէն անոնք որ տարուկի հետքը կը կրեն դէմքերուն մանաւանդ պէտք եղած կէտին վրայ, մայրերու համար որ աղջիկներուն ապագայի նկատմամբ հայրերէն առաջ կ’ընեն մտմտուքնին՝ չի մարելիք կրակ մը կ’ըլլան. երեսը տարուկոտ աղջիկը, է՛հ, ապրանք մըն է որ եթէ գիշերով չի յաջողին քաղաքացուն ծախել, կը պահեն կը պահեն որ օր մը գիւղացուն կռնակն հանեն։

Սրտի, ստամոքսի, մայասըլի ցաւեր տեսակ մը գաղտնի տէ՛րտեր կը մնան, որ հեշտ չեն կրնար ըսել, կամ աւելի ճիշտ՝ չեն կրնար բացատրել. վերջինին բուժիչն է սեխաստաններու մէջ բուսնող կապոյտ ծաղիկը, պօստան պօզան, ենթական ասով կը ծխեն, արիւն կը քաշեն շիշով, չի մոռնալով պահքը, աղին, լեղին մերժելով։ Միւսներուն առաջքը կ’առնեն պուտուկին տաքցած խուփովը կամ տաք կրինճով մը։ Թէ իրօք ցաւածը սի՞րտն էր թէ ստամոքսը, թոքերը թէ աղիքը, որոշել իրենց համար անկարելիութիւն մըն է, ու այդ բոլորը մոռցած երբ կը հարցնես ո՞ւր է ցաւը, կուրծքերնուն տակ յաճախ սիրտն է ցցուցածնին, ու միշտ նախնական դարմանը հիւանդէն տզրուկով ու ածելիով արիւն թափելն ընդունուած է։

* * *

Ես որչափ ալ ուխտ չեմ ըրած մեր միայն լալի երեսը ձեզի երկնցնելու, բայց լեզուս պուկս [4] կը փախի եթէ մեծը թողում ու պզտիկ, պարզուկ բաները աչքիդ բերեմ։ Չպիտի՞ հարցնէիր թէ ժիր, կարմիր ճահիլները ո՞ւր կը մնան, հերկն ո՛վ հեղուածք [5] կ’ընէ, սամիին տակ ո՛վ կը բերէ։

Այս տեսակ պռճըտուքներ [6] մի՛ ընէք. իմ տեսածներս անոնք են որ երէկ մօրերնուն փորէն ընկեր, այսօր անմիջապէս Երուսաղէմ տեսնելու գամ ու ճտիկը [7] կը փորձեն. լեռնէն գլուած քարը ասոնց վրայ ինկեր կը փշրուի, եռ եփ եկող ամպերուն կարկուտը գիւղացուն գլուխը կը ծեծէ, հեղեղները ձեր փողոցները կը մաքրեն, մեր ալ աշնանացանը կ’աւրեն ու կ’աւլեն. սամոյրը հոս գայլ մըն է որ հաւ չի թողուր հաւաբունը, կ’ըսեմ այս բոլորը դեռ առանց մանրացոյց գործածելու։

Ըսէք սա խումբին թէ ի՞նչ ունին որ ձեռուընին գօտեստանը՝ աչքերնին ոտուընուն վրայ կը պաղի։ Հոն տղայ մը՝ հայրը քաղքցուն պարտք ունի, օրը լմնցեր, դրամ կ’ուզէ, պարտատէրը կը սպառնայ, գետաբերնին ծառաստանը կը գրաւուի, մուրհակը հայր ու տղայ ստորագրած են, տղան է որ բուռ մը կծիկ եղած ելք մը չի կրնար գտնել։

Ասդին մէկը նորէն ամուսնանալու, որբ տղուն նոր մայր մը բերելու հաշիւները կ’ընէ. պզտիկ չափով 30 ոսկի պէտք էր, մեծ մասը այրիին եղբօրը պիտի հասնի, խօսքը որովհետեւ անկէ պիտի քակուի. այրին ներ ունի, առնուազն երկու երեք ալ անոր. այսպէս կնկան մայրը, քոյրը, մինչեւ գեղին ծայրը՝ մոռցուած ազգականը, բերուընին բացեր կ’սպասեն, բոլորին ալ բերանը մէյմէկ բան դնելու է, ճար չկայ. եթէ այդ բանը ոսկի չեղաւ, թօփ մը չիթարա՞ ալ չէր կրնար ըլլիլ։ Կինը կ’ըսէ որ ինքը բան մը չուզեր, միայն իր պայմանն է ու կը պնդէ որ իր մարդիկը «անուշբերնէ»։ Վերջապէս, վերջին խօսք մը որ ամէնէն առաջ ու ամէնէն վերջը անխուսափելի է ու մահուան պէս կը հնչէ, 30 ոսկին ի՞նչպէս հայթայթել, ո՞վ տայ, էգին գրաւի դնէ անօթի կը մնայ, տո՞ւնը ո՛րչափ կ’արժէ, վերջն ի՞նչպէս տայ։ Հոս ալ խնդիրին մէջ վերջ մը կայ. հե՞շտ է նոր կնկան առջեւ պարտկնտիրոջ հոտն ու յոխորտանքը քաշել։ Անցնինք։

Տղայ մըն ալ սա պատին քով պպզողը [8] կրնաս ըսել, երեսը մթնցուցած նշանածին հոգերովը կը տապկուի. լսած է թէ ուրիշ մը աւելի հրապուրիչ՝ սիրականը փախցնելու նենգ ջանքեր կ’ընէ, թէ ինքն ալ անտարբեր կը մնայ, տունն աւրած է, բայց ի՞նչ կրնայ ընել. քիչ մը իրմէն ալ տաքուկ սիրտ ու զոհողութիւն պէտք էր, կը խորհի։ Բամպքաղը ե՞րբ կը սկսի, ե՞րբ պիտի կթնուին, ե՞րբ քաղաք ելլէր, ի՞նչպէս ծախէր, 30ի ծախեց լիտրը, տան մեծաւորին ի՞նչպէս հաւտցնէր որ 25 ալ չէր արժեր, որպէս զի մնացած հինգնոցովն ալ Կուլիկին զոյգ մը շէվէ, ծրար մը չամիչ ու գրպանի հայելի մը ղրկէր, այսչա՞փն ալ չըներ, քանի որ կռահեր է թէ մրցակիցն անդին արծաթ ապռճան կը խոստանայ։

Ձանձրացար, այնպէս չէ՞. խօսքեր են ասոնց որ կանթեղէն թափած կաթիլներուն պէս որչափ տաքնան, այնչափ կը լայննան, կը տարածուին. գէշ հետք մը կը թողուն սրտի վրայ։ Վերջացնելէ առաջ ըսեմ որ մարդ անգամ մը աշխարհք չիյնար, սիրելիս, թէ ոչ՝ ի՛նչ կը պակսէր մանաւանդ գիւղացի մարդուն՝ հոգալու տառապելու ու ետքը ետքը հանգոյցը քակելէն յուսահատ՝ ձեր բառով անձնասպան ըլլալու։

Բայց դուք, կը կարծեմ, նօսր շրթունքով մը դժբաղդ այն կատուներուն կ’ըսէք որ մկան հետ խեղկտալու ճարպիկութիւնը չունին, այն աղջկան կ’ըսէք, որ մազերուն ծէրուըտիքը ոսկի վարսակալ չի կրեր. էրնէ՜կ ձեզի, լաւ կը բացատրէք աշխարհքը, մարդիկը։ Չըլլա՞յ որ օր մը այդ նախշուն խելքով մեր գիւղն երեւնաք, մեր պարտէզն երթաք, խնձորենիիս վրայ խաղող փնտռէք։ Քիչ գրեմ ու շատ հասկնաս կ’ըսէ գիւղացին. հետզհետէ պիտի կարդաս կը յուսամ թէ՝ ի՛նչպէս կը խնամուին հիւանդները, ինչպէս կը վերաբերին դէպի այդ ինկած անդամներուն, բժիշկ մը գիւղը ի՛նչ պայմաններով կը հաճի ոտք դնել։ Գրելու անբաւ նիւթ ունիմ։

Բոլոր տունով բարեւ կ’ընենք, պզտիկ Բուբուլին երկու խնձոր երեսները կը պագնեմ։ Առջի օրը մեր խեռ ժամկոչը Շնթիլէն դառնալու ատեն գետը մտեր խեղդուեր է. ի՞նչ թողու ետեւը. ժամէն գողցած արծաթ աշտանակ մը, 15-20 դահեկանի ալ պնակի մանր դրամ. աշտանակը հետը տանէր գոնէ, հոգին կը լուսաւորէր։ Շկլոտին աղջիկը Կարմրի տարին, տղան 9-10 տարեկան, աղջիկը 25ն անցուկ, պառուած, աչքաւեր չղլած հորթ մը։ Աստուած ողորմի պապուն, երկու էգի աղջկան ժառանգ թողած էր, այդ հավասովը գնողը գնեց ու պարտկեց։

Հայրենիք, 1894



[1]        Տեսակ մը քար ուռոյցք։

[2]        Մահ բառին մէկ հոմանիշը, որուն մէջ դէպի մեռնողը արհամարհանքի զգացում ալ կայ։

[3]        Ջուլհակի մը մեծ ասեղը։

[4]        Կոկորդ։

[5]        Քանի մը անգամ հերկել։

[6]        Մանր քննութիւններ ընել։

[7]        Վէգ նետել գետինը. վէգին անկման այլևայլ ձեւերովը գալիքը գուշակել։ Դամ ու ճտիկ վէգին երկու կողմերուն անուններն են. ճտիկը վէգին տիւնաձեւ կողմն է, դամը միւս կողմը։

[8]        Նստող կծկուած դիրքի մը մէջ։