Քննադատական յօդուածներ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՊԱՏԱՍԽԱՆ Առ Պ. ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

Վաղինակ՝ անուղղակի, եւ Ա. Անտոնեան՝ բաւական ուղղակի կը հարկադրեն զիս բացատրութիւններ տալ նկատմամբ մէկ ենթադրութեանս թէ Մերսետէս . Անտոնեան) 1899ին կամ 1900ին, լաւ չեմ յիշեր բանագողութիւն ըրած ըլլայ իմ մէկ չհրատարակուած յօդուածէս, որու նիւթն էր Այվազովսկին, եւ զոր «Մասիս»ի կամ որ նոյնն է «Արեւելք»ի խմբագրատունը ղրկած էի ի հրատարակութիւն, նկարչին մահուան առթիւ:

Ա. Անտոնեան վերջին 11 Յունվարի «Արեւ. Մամուլ»ին մէջ «Լուսաբանութիւն մը» խորագրով յօդուածով մը թղթակցին կանխաւ հրապարակած այդ «բանագողութիւն»ը կը ժխտէ, եւ գրեթէ կը հրաւիրէ զիս որ ապացուցանեմ ինչ որ վերագրեր եմ իրեն, եւ սակայն, միւս կողմէ շատ վստահութիւն ալ չունի որ իրեն չափ «համարձակութեամբ հրապարակ իջնեմ» քանի որ ինքը ծանօթ է բնաւորութեանս, «որ, մութին մէջ, դիմակով ու կռնակէն տրուած հարուածները կը նախընտրէ», եւ քանի որ գիտէ թէ «գրականութեան բարիա» մըն եմ, որուն «կռնակ դարձնելու պատիւը» կ’ընէ, թէ նաեւ անտարակոյս «ստախօս» մըն եմ, եւլն. Ա. Անտոնեան այսուհանդերձ պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն տուեր է ինծի պէս «…մէկու մը», անոր յերիւրանքները ջրելու համար չորս էջ զոհելով, եւ մանաւանդ յանձն առնելով նախատական ընթացիկ լեզուին դիմելու նուաստութիւն մը, զոր նոյն իսկ բարիաներու առջեւ ինքզինքին պիտի չթոյլատրէր ո եւ է ճշմարիտ Քջադրիա՝ որպէս կ’ուզէ Արամ Անտոնեան եղած ըլլալ գրականութեան մէջ: Կը կարծեմ թէ իր պատուաւոր մարդու ժխտումը, զուտ ու բացայայտ, եւ յետոյ հրաւէր մը ինծի՝ որ հրապարակաւ տայի անհրաժեշտ բացատրութիւնը՝ բաւական պիտի ըլլային կարող հրապարակագրի մը: Կրնար, գէթ, ետքի պահել իր արհամարհական լեզուն, իմ պատասխանիս անբաւականութենէն յետոյ զիս պարսաւելու համար: Կ’երեւայ թէ կանոնն է հրապարակին ուր ես, «բարիաս» գործ ու մուտք չունիմ, ո՛ եւ է ժխտում նախատինքներով արտայայտել եւ խնդրոյն անասնականութիւն խառնել անանձնականութեան տեղ: Բայց, իբր «բարիա» ինծի կամ այլոց դէմ զգացուած ու յայտնուած ատելութեանց ա՛յնքան վարժուած եմ որ պարզապէս կը զարմանամ եթէ ուրիշ բան պատահի: Թող ներուի ինձ հիմա որ պէտք չտեսնեմ Անտոնեանին ոճով իրեն պատասխանել ջանալու, եւ քիչ մը աւելի «բարիա»նամ:

Այսպէս ուրեմն Ա. Անտոնեան կը պատմէ թէ ի՛նչպէս իր բանագողութիւն կարծուած յօդուածը յանձնարարուեր է իրեն Տիգրան Արփիարեանի կողմէն, եւ ի՛նչպէս զայն ուրիշ երկու յօդուածի հետ գրեր է մէկ գիշերուան մէջ, եւլն., եւլն.: Կ’ըսէ նաեւ թէ բանագողութեան պէս աղտոտ հակում մը չկայ իր բնաւորութեան մէջ: Շատ լաւ: Բայց կ’ըսէ նաեւ իր ճշմարտախօսութիւնը հաստատելու համար. «Պէտք եղածէն շա՛տ աւելի դրական փաստեր դրի մէջտեղ: » Եւ դուն ետ կը դառնաս նայելու համար թէ ո՛ւր են այդ փաստերը. կը փնտռես զանոնք եւ ատանկ բան չես գտներ: Զարմանալի՛ բան. ի՞նչպէս հրապարակագիր Ա. Անտոնեան կրնայ ատանկ փաստեր տուած ըլլալ կարծել, քանի որ ոչ միայն չէ տուած, այլ չէր ալ կրնար տալ, ճիշդ ինչպէս ես ալ չեմ կրնար ամենեւին ո՛ եւ է դրական փաստ ցուցնել՝ հաստատելու համար բանագողութիւնը զոր կասկածած եմ թէ ըրած ըլլայ: Եւ աններելի՞ բան է արդեօք չվստահիլ բարոյականին վրայ մէկու մը՝ որուն հետ հազիւ 2–3 անգամ միայն տեսնուած ես, եւ այդ անվստահութիւնն ունենալ՝ չբացատրուած ու նոյն իսկ անբացատրելի իրողութեան մ’առջեւ: Վասնզի, արդարեւ, սկիզբէն ի վեր ենթադրութիւն մ’ըրած եմ ես միայն, ինչպէս որ ենթադրութիւն մը կ’ընեն, երեւոյթներու վրայ հիմնուելով, եւ ո՛չ անհերքելի փաստերու: Իմ ենթադրութիւնս մէկ քանի մտերիմներու յայտնած եմ, իրարմէ շատ հեռու ժամանակներ, եւ ինչպէս կը պատահի յաճախ՝ անոնք քիչ մը աւելի վստահ եղեր են կամ թուեր են ըլլալ անոնց որոնց հաղորդած են խնդիրը, եւ այս վերջինք ա՛լ աւելի ապահով դարձեր են թէ Անտոնեան բանագողութիւն ըրեր է, թէեւ հաւանօրէն՝ վերջնապէս հաւաստի եղած չեն. ինչպէս թղթակցին տարակոյսէն կը տեսնուի: Ասիկա բնական երեւոյթ մ’է, եւ տարաձայնուած խօսքերու մասին յիշուող թուրք առածը ամենուն ծանօթ է: Ո՞վ չի գիտեր թէ մէկու մը ենթադրութիւնը զայն լսող ու հրապարակող ուրիշներու մէջ հետզհետէ կը դառնայ ականատեսուած իրողութեան մը չափ անհերքելի ստուգութիւն:

Բայց սկիզբէն սկսիմ:

Երկուշաբթի իրիկուն մը կարդացինք Այվազովսկիի մահը: Երեքշաբթի օրուան (ես գիշերները կըպառկիմ, եւ արշալոյսին կ’արթըննամ, ) 5–6 ժամերը զոհեցի յօդուած գրելու համար (թող Անտոնեան որուն չափ արագաշարժ չեմ, լրագրող չըլլալէս, ներողամիտ գտնուի ա՛յսքան ժամանակ զոհած ըլլալուս համար, քանի որ գրականութիւնը ըստ նոյն հրապարակին, արագաձեռնական աճպարարութիւն մըն է, քերականական Մասունք-Բանիներով, ) եւ Չորեքշաբթի բարեկամի մը ձեռքով «Մասիս»ին ղրկեցի զայն, Տիգրան Արփիարեանի ուղղուած հրատարակութեան խնդրանքի քարտով մը: Ուստի կանուխ հասցուցած էի յօդուածս. իսկ յաջորդ շաբթուան թիւին համար՝ խիստ կանուխ: Բայց կանխաւ Տիգր. Արփիարեան եւ ես ամենեւին չեմ յիշեր ի՛նչ պատճառաւ պաղած էինք իրարմէ. այնպէս որ կը վախնայի թէ չէր հրատարակեր յօդուածս, որուն վրայ թէեւ չափազանց լաւատեսօրէն խօսեր է թղթակիցը, բայց բարեկամ ըլլալէ դադրած խմբագրապետի մը կողմէ մերժուելու չափ արժէք ունէր, վասնզի Այվազովսկիի արուեստին բացատրութիւնն ու պանծացումն էր: Այս նիւթով գրութիւն չտեսայ ես այնուհետեւ մեր մէջ. ու պոլսահայք որ արդէն կրցած չէին համազգի արուեստագէտին կարողութիւնն ուսումնասիրել ու դատել, չէի յուսար որ այդ բանը կարենային գէշ աղէկ ընել անոր մահուան վճռական առթիւ: Իմ հին սիրովս առ Սեւ Ծովու ներշնչեալը՝ ես փութացած էի՝ . Չ. ստորագրութեամբ միայն) պոլսական մամուլը լուռ չպահել, եւ ի չգոյէ լաւագոյնին՝ գէթ գոհացուցիչ կերպով խօսեցուցած ըլլալ զայն մեր մեծագոյն նկարչին վրայ:

Տիգրան Արփիարեան ուրախութիւնն ունեցաւ չհրատարակելու «Սեւ Ծով, Այվազովսկի, Աստուած»ը: Կ’երեւայ թէ աղուոր բան է թերթ ունենալը: Մենք սակայն, խեղճ բարիաներս դժգոհ չենք մեր կիրքերուն սանձարձակ թռիչ տալու կարող այնպիսի հրապուրիչ միջոցներ չունենալէ, եւ հրապարակ անունով յորջորջուած թաքստոցներու մէջ պատսպարուելու պէտք չունինք: Կրնայ երեւակայուիլ ցաւն ու զայրոյթը զոր զգացի: Բայց երբ տեսայ Մերսետէսի յօդուածը, տառապանքս մեծ եղաւ: Այնպիսի նշաններ կային հոն որ բանագողութիւն մը կասկածեցայ. վասնզի գրածիս չհրատարակուելէն ունեցած վիճակս խիստ յարմար գետին մ’էր անվստահութեան, եւ կասկածներ արտադրելու՝ իմ գրութեանս տեղ երեւցած յօդուածին նկատմամբ, անոր ինչ ինչ հանգամանքներուն առջեւ: Ուստի չեմ ժխտեր թէ իմ յայտնած ենթադրութիւնս իմ մէջս համոզման մօտ բան մ’էր ի սկզբան եւ հաւանօրէն ասիկա՝ բարեկամներու հաղորդած կասկածներուս ստուգութեան երանգ մը, շեշտ մը տուած է:

Արդ, ահաւասիկ այն նշանները:

Արամ Անտոնեանին յօդուածը նկարչին կենսագրականն էր, իր մինչեւ այն ատեն գործածած պարզ ոճովը. բայց ունէր բուն յօդուածէն զատուած նախաբան մը եւ վերջաբան մը, որոնց ոճը բոլորովին տարբեր էր, քնարերգական շունչ մը կար հոն, կենսագրականէն ա՛յնքան զարտուղող՝ որ անկարելի էր զանոնք յաւելուածական կտորներ չնկատել, մանաւանդ որ կենսագրական մը յանկարծ չի ստեղծուիր. անոր բոլոր նիւթերը պատրաստ կ’ըլլան. կը մնայ զանոնք կապակցել, մարմնաւորել. ուստի կրնայ համարուիլ պատրաստ գրութիւն մը, զոր արտագրելու համար իրապէս շոգեպինդ ու դիւրահոս արտադրողութեան մը տաղանդին հարկը չեմ տեսներ հոդ: Նախաբանն ու վերջաբանը ուրեմն ամեն հաւանականութիւն ունէին թէ՛ իրենց ոճով եւ թէ՛ կենսագրականին մարմնոյն մաս չկազմելով՝ յաւելուածական կտորներ նկատուելու, եւ ցարդ այնպէս կը մնան: Այվազովսկիի առթիւ քնարերգական ոճի մը գործածութիւնը նորօրինակ էր, ցորչափ Անտոնեան ծանօթ չէր երբեք իբր այդպիսի ոճի պէտք ունեցող կամ տէր. բայց իմ կողմէս այդ օրինակ լեզու մը զարմանալի չէր, տրուած ըլլալով Այվազովսկիի մասին հիացումս ի մանկութենէ եւ իմ տրամադրութիւններս որոնց շատ մօտէն գիտակ են իմ «բարիա»յութենէս պղծուելու յանձնառու բարեկամ եւ բարեացակամ գրագէտներ: Անտոնեան ծովանկարչին պատկերներուն ծանօթ եղած ըլլալու երեւոյթով մը խօսեր էր հոն, անոր աշխատութեան եղանակին կարծես տեղեակ. մինչդեռ հազիւ քանի մը կտորներ կրնայ տեսած ըլլալ եւ գէթ անոր նկարներուն Պոլսոյ ցուցահանդէսը չէ այցելած, որովհետեւ այն ատենները 7–8 տարո՛ւ կրնար եղած ըլլալ միայն. եւ տարօրինակ կ’ըլլայ խանդավառիլ բազմաբեղուն արուեստով մը որմէ առառաւելն շատ դոյզն բան միայն տեսնուած է, գրեթէ ոչինչ Նախաբանին մէջ սա իմաստով բան մը գրած էր. «կրնար, (Այվազովսկի) մէկ հարուածով՝ ամենախաղաղ ծովը փոթորկայոյզ ծովի մը վերածել, եւ ամենէն ալեկոծ ծովը միապաղաղ հայելիի մը: » Այս խօսքը, պոլսահայ մտաւորականութեան կողմէ մեծ ծովանկարչին արուեստին նկատմամբ անոր մահուան առթիւ գրուած գեղարուեստական դատաստան, անհաւատալի կերպով տղայական բան մ’է. բայց Անտոնեան կարծես այդքան տղայական խօսք մ’ըսելու քաջալերուած էր՝ վասնզի կը թուէր իր այդ խօսքին բացակայ իմաստը տեսնել այն նախադասութեան մէջ զոր իմ յօդուածս կը պարունակէր, եւ զոր գրած էի՝ բացատրելէ յետոյ ծովային նիւթերուն մէջ Այվազովսկիին ունեցած հեղինակութիւնն ու ամենազօրութիւնը. «իր վրձինը Պոսիդոնին երեքժանին էր: » Յայտնի է թէ Պոսիդոն ինչպէս կը գործածէ իր երեքժանին. մէ՛կ հարուածով: Նոյնպէս վերջաբանին մէջ ուշադրութեան արժանի բան մը կար: Ես իմ յօդուածիս ամենէն վերջը ուզած էի որ Այվազովսկիին արժանի գերեզման մը տալու համար իրեն՝ զինքը Սեւ Ծովուն մէջ թաղեն, ծովուն բացերուն մէջ որ Խրիմի ժայռերէն կը տեսնուին: Բայց նախապէս սա գաղափարը ունեցեր էի. «թող Խրիմի խարակներուն վրայ կանգնեն իր արձանը. » սակայն ասիկա սովորական եւ անբաւական թուեր էր ինծի, ու տարուելով յօդուածիս տիրող ոգիէն՝ միւսը գրեր էի, անով աւարտեր էի գրութիւնը, ծովուն շշունջներուն ու մրրիկին ալ հիացման դեր մը տալով: Անտոնեան ալ իր վերջաբանին մէջ նմանօրինակ իղձ մը կ’ունենայ. բայց Սեւ Ծովը չի ձգեր Այվազովսկին, այլ անոր արձանը կ’ուզէ որ կանգնեն հոն, Թէոդոսիոյ ժայռերուն վրայ, եւ այդ առթիւ, իր չտեսած ու չգիտցած ալեկոծութեանց՝ այդ ապառաժներուն առջեւ խանդավառիլը կ’երեւակայէ՝ քիչ մը շատ լորձունքոտ յափշտակութեամբ:

Ասոնք են այն համբաւաւոր նշանները: Կը բաւե՞ն ասոնք որ զԱնտոնեան վստահաբար ամբաստանեմ իբր բանագող: Անտարակոյս ո՛չ: Եթէ նոյն իսկ իմ յօդուածիս հետ աւելի շատ ու աւելի մեծ նմանութիւններ գտնուէին իրենին մէջ, չէի կրնար հաւաստել թէ բանագողութիւն ըրած է Անտոնեան: Ոչ մէկ ատեն, ո՛չ մէկ կերպով կրնամ ապացուցանել ենթադրեալ բանագողութիւնը, քանի որ քովը չէի այն ամենաբեղուն գիշերը, կամ յօդուածիս խմբագրատուն մտնելէն ետքն ունեցած բաղդին տեղեակ չեմ: Բայց ես չեմ ըսեր, կասկածներս արտադրող վերոյիշեալ հանգամանքներէն իսկ վերջը, թէ «դրական փաստեր»ով բանագողութիւնը հաստատեցի: Իսկ Անտոնեան (որ եթէ բանագողութիւն ընելու չափ անարգ ըլլար, ստելու չափ ալ անարգ պիտի ըլլար ի հարկէ) ի զուր կ’ըսէ թէ «դրական փաստեր»ով կը ժխտէ իրեն վերագրուած գործը, վասնզի ինքն ալ չի կրնար երբեք ապացուցանել թէ կարդացած չէ յօդուածս, ազդուած չէ անկէ եւլն.: Զո՞վ պիտի կոչէր վկայութեան. Տիգրան Արփիարեա՞ն. ա՛հ ա՞ն էր որ պիտի ըսէր թէ կասկածներս արդարացի են…: Բայց ես կուզեմ որ Արամ Անտոնեան եղած ըլլայ ա՛յնքան պարկեշտ որքան միջանկեալ կասկածներէս առաջ ու վերջը պատճառ ունեցած չեմ զինքը չկարծելու: Ես կ’ուզեմ որ զայրոյթի ու ցաւի պահու մը մէկ ծայրայեղութիւնն եղած ըլլան կասկածներս. եւ երբ ինքը կ’ըսէ թէ չէ՛ իսկ տեսած իմ գրութիւնս, ես սրտագին կ’ուզեմ հաւատալ իրեն, բաւական նկատելով այդ պարզ խօսքը քան ենթադրեալ ու անկարելի փաստեր (եւ խեղճուկրակ արհամարհանքներ որոնք թերեւս ընդհակառակը հակափաստերու արժէք ունենան, իբր միակ կարեւորութիւն): Ա. Անտոնեան կրնայ վստահ ըլլալ այդ զգացումներուս, ինքը որ իր վերջին գրութեան մէջ կը յայտնէ արդէն ինչ «համակիր ընդունելութիւն» որ ըրած եմ իրեն, այս խնդիրէն վերջն իսկ. ինքը՝ որ սակայն այդ վարմունքիս մէջ կրնար արդէն բաւական բացատրութիւն գտնել խնդրոյն մասին, պարզ ենթադրութիւն մը միայն ըրած ըլլալս գուշակել եւ այդ ընթացքս այլընդայլոյ չմեկնաբանել, եթէ իր բարի տրամադրութեանց անսար: Իսկ եթէ ներկայ բացատրութիւնս չզօրէ փոխել իր մտածելու կամ խօսելու կերպերն իմ մասիս՝ ա՛լ ատիկա փոյթս չէ եւ կը շարունակեմ ունենալ ընկալեալ եւ նուիրագործեալ «հրապարակ»ային սովորութեան մը առջեւ գտնուելու անտարբերութիւնը, եւ այն ժպտուն գիտակցութիւնը թէ Անտոնեան ալ զիս «ստախօս», «կռնակէն հարուածող» եւլն. կոչելով չի քաշուիր ու չի նեղուիր աւելնալէ անոնց վրայ որոնք այս քանի մը տարուան միջոցին զիս կռնակէս միայն ճանչնալու յամառութիւնն ու զիս անուանարկելու վայրագ ու անկարող գործունէութիւն մ’ունին եւ որոնց աղմուկներն իմ խաղաղութեանս մէջ հեռալուր վայրահաչութիւններ կը թուին ինծի, մինչդեռ զանոնք արձակողներուն անծանօթ ու անմատոյց իրերու մէջ խորասոյզ է իմ ուշադրութիւնս: Թող չկարծեն երբեք թէ անհանգիստ կ’ըլլամ իրենց գոյութենէն ու զայն ապացուցանող աղաղակներէն. ո՛հ, Անտոնեան ի՜նչ աղուոր գտեր է բարիա բառը: