Քննադատական յօդուածներ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՏԻԿԻՆ ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐ (1863– )

Ծնած է 1863ին, Սկիւտար: Նախապէս Օր. Զ. Խանճեան: Աշակերտած, Դուրեաններուն պէս, թաղին վարժարանին («Ճեմարան»): Հայերէնի ուսուցիչն էր Սիմոն Ֆէլէկեան: Տասնվեց տարեկան կը հիմնէ Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութիւնը, ի տես իր ընտանեաց նախկին ծառային՝ Քղեցի Յակոբ Աղբօր անխնամ, ողորմելի վիճակին, եւ առաջին վարժարանը բանալ կու տայ ի Քղի: Ջերմ գրաբարեան էր, առաջին քերթուածները կը գրէ այդ լեզուով: Գրաբար-աշխարհաբարի խնդրոյն ատեն Անահիտ սուտանուամբ պարագլուխ կ’ըլլայ հին լեզուին ջատագովներուն, ընդդէմ աշխարհաբարեաններու, որոնց պարագլուխն էր Արամազդ . Քէչեան): Ամուսնանալով եղած է ատեն մը Տիկին Տօնէլեան, եւ մօտաւոր գաւառներ բնակած: Այրիանալով ամուսնացած է Հրանդ Ասատուրի հետ, որու աշխատակցութեամբ ունի դասագրքեր աշխարհաբարի ուսման յատուկ, «Թանգարան»ներն ու «Արդի Աշխարհաբարի Քերականութիւն» մը: Զուտ գրական գործերն են «Աղջկան մը սիրտը» վէպը, առանձին հատորով եւ Օր. Ալիս ստանունով. հոս հոն հրատարակած վիպակներ եւ յօդուածներ եւ բազմաթիւ քերթուածներ, որոնց մէկ մասը հրատարակուած է «Ցոլքեր» հատորով, եւ Սիպիլ ստանունով, որ իր վերջին եւ սովորական ստանունը եղած է գրականութեան մէջ:

Ճարտար տաղաչափ: Սիպիլ կրցած է գրել յոյժ թեթեւասահ ոտանաւորներ, ախորժալուր, ներդաշնակ: Բայց այդ քերթուածներն ընդհանրապէս բանաստեղծական լուրջ գործեր չեն. անոնց մէջ շատ անգամ խորհրդածութեանց եւ յուզումներու պատրանքներ միայն կան, խորութեան տեղ տրտմութիւն, բարձր կիրքերու տեղ պչրանոյշ սեթեւեթ, գաղափարի տեղ գոյն ու պատկեր, բանաստեղծական արժանիքներու տեղ ոտանաւորի ձեւեր, սիրուն իրերու անուններ, նոյնիսկ գրագիտական ճշդութեան տեղ քմահաճ գործածութիւն բառերու: Ասոնք են ընդհանուր յատկանիշներն իր բանաստեղծական գրականութեան: Կարելի է ըսել թէ քերթուած մը գրելը Սիպիլի համար ոչ այլ ինչ է քան երիտասարդութեան ձեւ մը:

Սակայն Տիկ. Զապէլ Ասատուր ճշմարիտ վարպետ է վիպագրութեան մէջ, եւ իր վիպակները՝ ինչպէս «Կնոջ Վրէժներ», «Կաղանդի Նուէրը», եւայլն, այն գերազանց առաւելութիւնն ունին որ բարոյական դասեր են (առանց վարդապետութեան) ըլլալով հանդերձ յաճախ աշխարհական կեանքէ դրուագներ: Ազնիւ տեսլապաշտութիւն մը, հաւատարիմ եւ աշխոյժ նկարչութիւն մը: Իրերու եւ հոգիներու ճշգրիտ ճանաչում մը կը յատկանշեն իր վիպակները, որոնք, թէպէտ թեթեւ արուեստակում մը կը ծաղկի մերթ անոնց մէջ սակայն թրքահայ գեղեցկագոյն նորավէպերը կը հանդիսանան:

Լուրջ են իր յօդուածներն ալ. ողջմտութեան եւ կանացի շնորհի պերճ արտադրութիւններ ընդհանրապէս, մանաւանդ անոնցմէ մին, իր գլուխ գործոցը, այն է՝ Տիկ. Ագապի Տէր Ներսէսեանի մահուան առթիւ գրած մէկ յօդուածը «Ծաղիկ»ի մէջ: Սիպիլ իր աշխարհիկ-բարոյական նիւթերով եւ վառվռուն արձակով է եւ կը մնայ թրքահայ գլխաւոր գրագիտուհին: