Քննադատական յօդուածներ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳՐԱԳԻՏԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՔ

ՈՃ

Ա. Նախագիտելիք

1. Գրագէտք եւ Գրագիտութիւն. Գրագէտ կը կոչուին այն հասուն եւ հմուտ մարդիկ որ բերանացի կամ մանաւանդ գրաւոր խօսքով կատարելապէս կ’արտայայտեն իրենց զգացումներն ու գաղափարները, երբ ասոնք արժանաւոր են ուրիշին հաղորդուելու:

Գրագէտներուն արուեստն է գրագիտութիւնը (Art littéraire):

2. Գրական Երկեր եւ Գրականութիւն. Գրագիտական արուեստին արտադրութիւնները (ճառեր, յօդուածներ, գիրքեր եւն. ) գրական երկ (oeuvre littéraire) կը կոչուին եւ խիստ բազմաթիւ են. անոնց ամբողջութիւնն է գրականութիւնը (littérature):

Մատենագրութիւն անունը հոմանիշ է գրականութիւն բառին, բայց աւելի սահմանափակ իմաստ մը ունի, երբ կը նշանակէ ազգի մը գրական երկերուն ամբողջութիւնը (կամ գրական երկեր արտադրելու գործը): Սակայն աւելի ընդարձակ իմաստ մը կ’ունենայ, երբ կը նշանակէ ամբողջութիւնն ամեն տեսակ գրաւոր հեղինակութիւններու, որովհետեւ ասոնք կրնան ըլլալ նաեւ գիտական, արուեստաբանական, փիլիսոփայական եւն., եւ ո՛չ միայն զուտ գրական:

3. Զուտ գրական գործեր. Գրականութեան նպատակը. Զուտ գրական գործեր են անոնք որոնց գլխաւոր պաշտօնը չէ ծանօթութիւններ աւանդել եւ ընթերցողին միտքը ճոխացնել: Բանաստեղծական երկերը (քերթուած, թատերախաղ, եւն. ), վէպերը, երգիծական երկերը, եւն., որ զուտ գրական գործեր են, այդպիսի դեր մը չունին բոլորովին: Գրականութեան ընդհանուր նպատակն է ընթերցողին հոին աւելի բարձր վիճակի մէջ դնել: Գրականութիւնն այդ նպատակին կը հասնի՝ պատկերացնելով եւ համոզելով: Իսկ զուտ գրականութիւնն այդ նպատակին կը հասնի պատկերացնելով, համոզելով եւ յուզելով:

4. Արուեստին պայմանները. Ամեն արուեստ իր պայմանները կամ կանոնները ունի, զոր բանականութիւնը կը գտնէ եւ կը պարտադրէ: Գրագիտութիւնն ալ, իբր արուեստ, ունի իր կանոնները, կամ ամբողջութիւն մըն է կանոններու, որոնց հետեւելով է որ ճշմարտապէս գրական երկ մը կրնանք արտադրել՝ երբ որ տաղանդ ծնէ յարմարութիւն) ունինք:

Գրագիտութեան ուսումը ուրեմն ծանօթացումն է գրական երկեր արտադրելու կանոններուն եւ կը ծառայէ գրական երկերուն արժէքը ճանչնալու. կը ծառայէ նաեւ արտադրել տալու տաղանդաւորներուն՝ ճշմարիտ եւ անթերի գրական երկեր:

Բ. Ոճն ու իր տարրերը

1. Ի՛նչ է ոճը. Ամեն մարդ իր զգացումներն ու գաղափարները կը յայտնէ (ինքզինքը կ’արտայայտէ) կերպով մը, այդ կերպը ոճ կը կոչուի (style):

Անուս, անմշակ մարդու մը ոճը շատ չի տարբերիր ուրիշ նման մարդու մը ոճէն, բայց հմուտ, մշակուած, տաղանդաւոր անձի մը ոճը կը տարբերի նոյնպիսի մարդու մը ոճէն: Հանճարեղ մարդոց ոճը սկզբնատիպ է բոլորովին (original), այսինքն ոեւէ ոճի աննման:

2. Ոճերը ինչե՛րով կը տարբերին. Արտայայտութեան այլ եւ այլ կերպերը (ոճերը) կը տարբերին երկու գլխաւոր պատճառաւ. Ա., գործածուած լեզուին, Բ., գլխաւոր նիւթը պատմելու համար ընտրուած երկրորդական նիւթերուն:

Արդարեւ, մէկը իր միտքը յայտնելու համար կը գործածէ շատ մաքուր լեզու մը, մինչդեռ ուրիշի մը լեզուն կրնայ խառն ըլլալ ռամիկ բառերով ու բացատրութիւններով: Մին կտրո՛ւկ խօսքերով իր մտածումը կը յայտնէ, միւսը երկարատեւ, բազմամասն պարբերութիւններով: Ոմանք ճոխ բարբառ մը կը գործածեն, ուրիշներ ժուժկալ կամ աղքատ լեզու կամ ոմանց լեզուն վերացական բառերէ կը բաղկանայ մանաւանդ, մինչ այլոցը՝ թանձրացեալ, պատկերալից բառերով կազմուած կ’ըլլայ, եւայլն:

Դարձեալ միեւնոյն նիւթին վրայ խօսելու համար մին կ’ընտրէ այդ նիւթը կազմող այսինչ երկրորդական նիւթերը, մինչդեռ ուրիշ մը կ’ընտրէ այդ միեւնոյն նիւթը կազմող տարբեր երկրորդական նիւթեր: Զոր օրինակ միեւնոյն պտոյտը կատարող անձերէ մին՝ գլխաւոր նիւթը (այսինքն պտոյտը) պատմելու համար կ’ընտրէ մանաւանդ բնական տեսարանները. միւսը, որ կ’ուզէ նոյն գլխաւոր նիւթին վրայ խօսիլ, կ’ընտրէ մանաւանդ ընկերովի զուարճութիւնները որ տեղի ունեցան այդ պտոյտին. երրորդ մը, որուն գլխաւոր նիւթն ալ նոյնն է, զայն պատմելու համար կ’ընտրէ մանաւանդ այն ֆիզիքական հաճելի եւ օգտակար վիճակները, զոր պտոյտը պարգեւած է իրեն, մինչդեռ ուրիշ մը՝ պիտի խօսէր թերեւս, հոգեկան, բանաստեղծական, գեղարուեստական վայելքներու վրայ զոր այդ միեւնոյն պտոյտը պատճառեց իր զգայուն ու խորհող մտքին, եւն.:

3. Ի՛նչ կայ ոճի մը մէջ. Արտայայտութեան եղանակին (այսինքն ոճին) մէջ երկու գլխաւոր բան կայ ուրեմն, որոնցմով կազմուած է այն. Ա., լեզուն, Բ., երկրորդական նիւթերը:

Բայց այդ երկրորդական նիւթերը խումբեր կը ձեւացնեն: Բնականաբար այս խումբերը յարմար կարգ մը պիտի ունենան. այդ կարգը յօրինուած (disposition) կը կոչուի: Ուրեմն Ոճը կազմող երկու տարրերուն երկրորդն են՝ երկրորդական նիւթերն՝ իրենց խումբերուն (գլխաւոր նիւթին մասերուն) Յօրինուածքով:

Այս ծանօթութիւնները կ’ամփոփենք հետեւեալ ձեւին մէջ՝

Ոճ { Ա. Լեզու (եղանակ արտայայտութեան)

Բ. Երկրորդական նիւթեր եւ յօրինուած

4. Ի՛նչ կը տեսնենք Գրական երկի մը մէջ. Նիւթի մը վրայ է որ կը խօսինք կամ կը գրենք. նիւթի մը մասին է որ մեր միտքերը կ’արտայայտենք, եւ այս գործողութեան համար ունինք կերպ մը - ոճ մը: Գրական երկի մը մէջ ուրեմն կայ Նիւթ մը եւ Ոճ մը. Նիւթը կրնայ գործածուիլ ամեն գրողի կողմէ, հասարակաց է այն: Սեփականութիւն մը չէ, հետեւաբար՝ արուեստի եւ հեղինակութեան տեսակէտով կարեւոր չէ ոճին չափ: «Գրքերը կ’ապրին իրենց Ոճովը» եւ ոչ թէ իրենց նիւթին պատճառաւ:

5. Ի՛նչ որ պարտինք գիտնալ ոճին նկատմամբ. Գրագիտութիւնը կ’ուսուցանէ գլխաւորաբար՝ թէ ոճը ամբողջ ինչպէս պարտի ըլլալ, եւ յետոյ թէ ինչ տեսակ բաներ կ’ըլլան երկրորդական նիւթերն, եւ ի՛նչ կարգ ունենալու են անոնք (կամ ինչ յօրինուած): Գրագիտութիւնը գլխաւորաբար կ’ուսուցանէ կատարեալ ոճին պայմանները:

6. Կատարեալ Ոճը. Կատարեալ ոճը այն է՝ որ ունի սա յատկութիւնները. Յստակութիւն, բնականութիւն, ճշտութիւն, զտութիւն կամ ճշդաչափութիւն, մաքրութիւն, ազնուութիւն, պատշաճութիւն, զանազանութիւն, ներդաշնակութիւն:

Գ. Ոճին Յատկութիւնները

1. Յստակութիւն (Clarté). Կատարեալ ոճը կ’ըլլայ յստակ (claire): Արդարեւ, անիմաստ պիտի ըլլար, ինքզինքնիս արտայայտել ուզել, առանց հասկցուիլ ուզելու: Ոճը պարտի ըլլալ՝ անմիջապէս եւ առանց դոյզն ճգան հասկնալի, այսինքն յստակ: Ո՛չ լեզուին, ոչ ալ երկրորդական նիւթերուն մէջ պիտի գտնուի կէտ մը որ երկդիմի ըլլայ, անորոշ ըլլայ, մթին կամ դժուարիմաց ըլլայ’ Ամեն ինչ այնքան բացայայտ, պայծառ, յստակ պարտի ըլլալ՝ որքան է սա խօսքը. «Ցուրտ է». կամ սա խօսքը. «Անօթի եմ»:

Որպէս զի ոճը յստակ ըլլայ, պէտք է որ՝ Ա., Համարենք թէ մեր դիմացինները գրեթէ անուս մարդիկ են, կամ թէ խորին կամ տեւական ուշադրութեան անկարող: Բ., Հրաժարինք ցուցամոլութենէ, եւ փափաքինք, համեստօրէն, մեր դիմացիններուն օգտակար ըլլալ: Գ., Լաւ գիտնանք լեզուն եւ երկրորդական նիւթերը, լաւ ճանչնանք նիւթը որուն վրայ կը խօսինք, եւ մանաւանդ, կանխաւ խորհած ըլլալով մեր ըսելիքներու վրայ, գիտնանք թէ ինչ պիտի ըսենք. (Ce qui se conçoit bien renonce clairement, et les mots pour le dire, arrivent aisément. )

Ոճի միւս յատկութիւններն ալ աւելի կամ նուազ կը նպաստեն յստակութեան, բայց անոր տեղը չեն բռներ: Յստակութիւնը հիմնական յատկութիւն մըն է, զոր կարելի չէ զանց ընել: Ասոր ներհակ թերութիւնն է մթութիւնը (obscurité):

2. Բնականութիւն (Nature). Կատարեալ ոճը կ’ըլլայ բնական (nature), այսինքն ոչինչ կ’ունենայ բռնի, կեղծ, արուեստական, օտարոտի, եւ որքան ալ նոր ըլլայ, ընտանի կ’երեւի մեր սրտին: Ներհակ թերութիւնն է անբնականութիւնը (manque de nature, Affectation): Անբնական (Affecte) ոճը մարդկային չէ, հարազատ չէ, ճշմարիտ չէ, չի կրնար մասնակից ընել մեզ իր յայտնած զգացումներուն ու մտածութեանց. կը մատնէ ճիգ եւ անմիտ ցուցամոլութիւն տհաճոյ է եւ ծիծաղելի:

Փոխանակ ամենայն բնականութեամբ ըսելու. «Խեղճ մարդը կը տառապէր անօթութենէ» պէտք չէ զոր օրինակ ըսել. «Խեղճին քիմքը ի զո՜ւր կը բաղձար ճաշակել կերակուրը որ կը յամառէր յապաղիլ. ի զո՜ւր ակռաները կը տենչային զայն ծամել, որկորը՝ զայն կլլել, ստամոքսը՝ թրել զայն ու մարսել: » եւ կամ «Ողորմելի մարդուն կերակուրէ այրիացած որովայնը կը գալարուէր անմխիթար». կամ թէ նոյն իսկ՝ «Ստամոքսին անօթութիւնը իր սրտին տառապանքն էր»:

Այս անբնական ձեւերուն առաջինը՝ անօթութեան տառապանքին լրջութիւնը կը ջնջէ՝ զայն թեթեւ ու զբօսալի դարձնելով. անբնականութեան այդ ձեւը կը կոչուի սեթեւեթ (style précieux, afféterie): Երկրորդը՝ կը չափազանցէ, կ’ուռեցնէ այդ լրջութիւնն, եւ նմոյշ մըն է ճոռոմութեան (style ampoulé, emphase): Իսկ երրորդ ձեւը, որ ոչինչ կը նուազեցնէ եւ ոչինչ կը խոշորցնէ, անբնականութեան միջին տեսակն է, որ կը կոչուի արուեստականութիւն (affectation, recherche):

(Եւրոպական քաղաքավար բացատրութիւնները, զոր օրինակ նամակներու մէջ, յաճախ սեթեւեթի նմոյշներ են. իսկ մեծարանքի արեւելեան բանաձեւերը՝ ճոռոմութեան):

Որպէս զի ոճը բնական ըլլայ, հարկ է բնականին ճաշակը ունենալ եւ անհարազատէն, կեղծէն, արուեստականէն խորշիլ. պէտք է մարդ հաւատարիմ մնայ՝ իր զգացումներուն եւ գաղափարներուն բուն չափին ու տեսակին, եւ ճիգ չընէ բնաւ զանոնք աւելի կարեւոր, աւելի արժէքաւոր, աւելի նորօրինակ դարձնելու համար. զանոնք չպճնազարդէ, չայլափոխէ, եւ նպատակ ունենայ ծառայել եւ ոչ թէ պչրիլ ու շլացնել:

3. Ճշտութիւն (Exactitude, justesse). Կատարեալ ոճին մէջ ընդհանրապէս ոեւէ սխալ չկայ, ճշտութիւն կը տիրէ հոն, ճշտութիւն՝ լեզուի, ճշտութիւն՝ հմտութեան, ճշտութիւն մտածութեան:

Ա. Լեզուի ճշտութիւն. Գրագէտին առաջին պարտքն է լեզուն յարգել (Surtout qu’en vos écrits la langue révérée. - Dans vos plus grands excès vous soit toujours sacrée. ) Պէտք է լաւ գիտնալ բառերուն ուրոյն նշանակութիւններն եւ իւրաքանչիւր բառ իր տեղին գործածել, մերձիմաստ կամ հոմանիշ բառերն՝ իրարու հետ չշփոթելով: Պէտք է լաւ գիտնալ լեզուին քերականութիւնը եւ լեզուական կանոններուն հաւատարիմ ըլլալ:

Բառագիտական սխալ մըն է, զոր օրինակ փոթորիկ (tempՍte) ըսել, փոխանակ ամպրոպ (orage) ըսելու. կամ ըսել կատար (faîte) փոխանակ գագաթի (sommet). կամ թէ ըսել անկասկած (sans soupçon) փոխանակ ըսելու անտարակոյս (sans doute):

Քերականական սխալ մըն է, օրինակի համար ըսել ոչ մէկ միջոց չկայ, փոխանակ ըսելու ոչ մէկ միջոց կայ. կամ թէ ըսել ոստիկան զինուորը որ վիրաւորեց աւազակը, երբ վիրաւորուածը ոստիկան զինուորն է, փոխանակ ըսելու ոստիկան զինուորը զոր վիրաւորեց աւազակը: Նոյնպիսի սխալներ են՝ միջանկեալ խօսքէ մը յետոյ ուղիղ կերպով չշարունակել կիսաւարտ գլխաւոր խօսքը, ըսելով զոր օրինակ. բոլոր այս դժբախտութիւնները, որ մեր գլխուն եկան, տգիտութիւնն է անոնց պատճառ. մինչդեռ պէտք էր աւարտել այսպէս… արդիւնք են տգիտութեան: Դարձեալ, բայը ենթակային չհամաձայնեցնել, ծանուցումներ կը փակցուի ըսելով, փոխանակ կը փակցուինի: Ժխտական մասնիկը գործածել ըստ բախտի. եթէ չերթայ (s’il ne va pas) գրելու տեղ եթէ չերթար (s’il n’allait pas) գրել. կամ գրել որ չնշմարեր (qu’il n’aperçut pas) փոխանակ գրելու որ չի նշմարեր (qu’il n’aperçoit pas). վերջապէս, ճիշտ չուղղագրել (տառասխալներ ընել) ջնջին եւ ջնջել գրել փոխանակ չնչին եւ չնչելի. բաղդ՝ փոխանակ բախտի, խոչնդոտ, առնչութիւն, հիւրնկալ, դասնկեր՝ փոխանակ գրելու խոչընդոտ, առընչութիւն, հիւրընկալ, դասընկեր. չեզոք՝ փոխանակ չէզոքի. հոգնիլ՝ փոխանակ յոգնիլի. երբէք՝ փոխանակ երբեքի եւն.:

Բ. Հմտութեան ճշտութիւն. Ջանալու է հմտական ո՛եւէ սխալ չընել: Արդարեւ ամօթալի են այնպիսի սխալներ գրագէտի մը գրչին տակ: Նշանաւոր հայ գրագէտ մը՝ լուսնի ուղղուած բանաստեղծութեան մը մէջ, կը պատմէ թէ այդ արբանեակին լոյսը երկիր հասնելու համար կարօտ է այնքան ժամանակի որ լուսնին այսօրուան կերպարանքը ոչ թէ ներկայ այլ անցեալ կերպարանք մըն է, լոյսին յապաղման պատճառաւ: Ասիկա աստեղագիտական սխալ մըն է: Ուրիշ գրող մը, դաշտի մը նկարագրութեան մէջ, կը յիշէ հոտաւէտ յասմիկը, անուշաբոյր շահոգրամը, եւն., վայրի դաշտը փոխակերպելով մշակուած պարտէզի. բնապատմական սխալ: Ուրիշ մը երեւելի մատենագրի մը անուան տեղ անոր եղբօրը անունը կը դնէ. կամ այլք այսինչ թուականին տեղ ուրիշ թուական մը կը յիշեն. այն ինչ եղելութիւնը ժամանակակից կ’ընեն այն ինչ եղելութեան, եւն. պատմական սխալներ: Հմտական սխալները կ’արդարանան միայն սա պարագային՝ որ գրագէտին ապրած ժամանակին մէջ անոնք ուղիղ համարուած ըլլան, եւ բուն ճշմարտութիւնը ծանօթ եղած չըլլայ:

Գ. Մտածութեան ճշտութիւն. Միայն ողջամիտ եւ ուղղախոհ մարդ մը իրապէս արժանի է բան մը ըսելու: Գրագէտը պարտի ողջամիտ եւ ուղղախոհ մարդ ըլլալ: Ամեն ոք պարտի ճշմարտութեան ծառայել, բայց առաւելապէս, մտքով օժտեալ մարդիկ, ինչպէս գրագէտը, գիտունը, պաշտօնեաներն են ճշմարտութեան, եւ ներելի չէ իրենց սխալ խորհիլ. սուտ հիմերու վրայ թիւր կերպով տրամաբանել եւ հասնիլ եզրակացութեան: Մտածման անճշտութեանց գլխաւոր պատճառներն են՝ նախ շատերու այն համոզումը թէ ինչ որ շօշափելի, չափելի, կշռելի, համրելի չէ՝ գոյութիւն չունի. յետոյ նաեւ այն տպաւորութիւնը թէ իրական են այն բաները, որոնց գոյ ըլլալուն կը բաղձանք: Այդ համոզումն ու այս տպաւորութիւնը մտածութեան հիմ ընել՝ կը նշանակէ համարիլ թէ ճշմարտութիւնը կախեալ է մենէ. այդպիսի հիման մը վրայ կատարուող խորհրդածութիւնները հարկաւորապէս սխալ կ’ըլլան եւ մոլորութեանց կը յանգին:

4. Զտութի՞ւն? կամ ճշտաչափութիւն? (Précision). Կատարեալ ոճին մէկ յատկանիշն է՝ ճշտաչափ? (précis) ըլլալ, այսինքն ո՛չ պակաս բան պարունակել, ո՛չ աւելի:

Կրկնութիւնները, երկայնաբանութիւնը, ինչպէս եւ մոռացումները, անբաւական բացատրութիւնները, պակասները՝ ներելի չեն երբեք: Ճիշտ չափը անհրաժեշտ է, եւ այն է որ մեծ ոյժ մը կը կազմէ: Ոճը անզօր կ’ըլլայ պակասներու շնորհիւ, եւ աւելորդներու պատճառաւ ալ թոյլ. երկու պարագային ալ տկար բայց վարպետ մը կրնայ ճոխ ըլլալ առանց ոեւէ աւելորդի. կրնայ ժուժկալ՝ հակիրճ՝ լակոնական իսկ ըլլալ՝ առանց ո՛եւէ պակասի:

5. Մաքրութիւն (Pureté). Կատարեալ ոճը պարտի ըլլալ մաքուր (pur), այսինքն թէ՛ լեզուն եւ թէ երկրորդական նիւթերը պէտք է զերծ ըլլան անմաքուր տարրերէ:

Լեզուին համար անմաքուր տարրեր են ռամիկ ու գռեհիկ բառեր եւ ասացուածներ. աղաւաղեալ ձեւեր, ծայրայեղ հնաբանութիւններ եւ ծայրայեղ նորաբանութիւններ. օտար բառեր եւ օտարաբանութիւններ. զուտ գրականութեան մէջ անտեղի գիտական բառեր ու բացատրութիւններ: Այսպէս մաքրութեան հակառակ է ըսել լաթերը (ռամիկ) փոխանակ զգեստները ըսելու. բերանս մազ բուսաւ (գռեհիկ)՝ փոխանակ վայելուչ բացատրութիւն մը գործածելու. ուժովնալ (ռամիկ)՝ փոխանակ զօրանալի. քիթը մեծցեր է (գռեհիկ)՝ փոխանակ ըսելու գոռոզութեան՝ մեծամտութեան հով մը եկեր է վրան: Դարձեալ, անմաքրութիւն է ըսել առտուանց կանուխ (աղաւաղ)՝ փոխանակ ըսելու առաւօտուն կանուխ. տեսնալ, մտնալ, ելլալ (աղաւաղ)՝ փոխանակ ըսելու տեսնել, մտնել, ելնել. ճանչնալ, ճանչցայ (աղաւաղ)՝ փոխանակ ըսելու ճանչել, ճանչեցի. սորվիլ (աղաւաղ)՝ փոխանակ սովրիլի, կամ մանաւանդ ուսանիլի կամ ուսնիլի:

Նոյնպէս անմաքրութիւն է գործածել հին լեզուի անգործածելի դարձած բառերն ու ձեւերը. ելի աղագ ըսել, փոխանակ ելքի ճամբայի. Փարիզու՝ փոխանակ Բարիզի ձեւին.

Ծովուց՝ փոխանակ ծովերու ձեւին, խարխափմունք՝ փոխանակ խարխափումների. մեք, կը խորհիմք, փոխանակ մենք, կը խորհինքի, եւն.:

(Պէտք է չմոռնալ սակայն թէ աշխարհաբարն ու գրաբարը երկու ձեւեր են հայերէնի եւ առաջինը կազմուած է ամենամեծ մասամբ երկրորդին (գրաբարին) տարրերով, եւ թէ ցայսօր, մանաւանդ հայերէնագէտ եւ ճաշակաւոր գրագէտներու քով, ի գործածութեան են ինչ ինչ գրաբար հոլովումներ ու խոնարհումներ, ինչ ինչ ասացուածներ, որոնք մեծ մասամբ հաստատուն տարրեր են աշխարհաբարին մէջ: Այսպէս, իտալացիք, հայք, հայոց, բռնութիւնք, ազդարարութեանց, գաղափարաց, ծառոց, լերանց, մարդոց, տղայոց, կանանց, եւն. ի պատիւ, ի նպաստ, ի յարգանս, զիս, զինքը, զայն, զոր, եւն. ընդ աղօտ, ընդ Աստուծոյ, ըստ իս, ըստ ձեզ, եւն. այսուհանդերձ, յամենայն դէպս, այնու ամենայնիւ, մեծաւ մասամբ, եւն. եւն. ):

Մաքրութեան հակառակ է, տակաւին, անպէտ եւ անտեղի կերպով գործածել նորաբանութիւններ, կամ նոր բառեր ստեղծել. ըսել զոր օր. մտայնութիւն, խորհելակերպ, վարուելակերպ, սոսկալիօրէն, անվերջանալի կերպով, ամենազարմանալի, եւն. եւն.: Մաքրութեան հակառակ են կիսով օտար կամ ամբողջովին օտար բառերն ու բացատրութիւնները. չաթալթագ, տօլապապետ, նախշուն (փոխանակ նկարէնի), չալել, չոքիլ, ճզմել (ճմլել եւ էզմէք բառերէն), իտէալ, փուլ, բոսդ, վալի, սօցիալ, մէպուս, մինիստր եւն. (Պէտք չէ սակայն մոռնալ թէ համաշխարհիկ բառեր կան որ այլեւս անմաքուր տարրեր չեն կրնար նկատուիլ. ինչպէս սինէմա, թրամվէյ, փաշա, էֆէնտի, թիւնէլ, պլըֆ, թրըստ, ճէնթլմէն, եւն. եւն. եւ թէ չկայ լեզու մը որ փոխառութիւններ ըրած չըլլայ, ազգերու միջեւ յարաբերութեանց հետեւանքով): Անմաքուր տարրեր գործածել է, վերջապէս, մասնագիտական, դժուարիմաց բառեր, գիտական խրթին բացատրութիւններ խառնելն հասարակաց ընտանի լեզուին, ըլլալով միեւնոյն ատեն՝ գործ մեծամիտ պչրանքի:

6. Ազնուութիւն (Noblesse). Կատարեալ ոճը կ’ըլլայ նաեւ ազնիւ (noble): Քանի որ գրականութեան նպատակն է հոգիները դնել աւելի բարձր վիճակի մը մէջ, ոճը պարտի ըլլալ ուրեմն զերծ այնպիսի տարրերէ որ այդ նպատակին ներհակ արդիւնք կրնան տալ, որ կը մոլորեցնեն եւ կը նուաստացնեն զմարդիկ:

Ոճը կազմող երկրորդական նիւթերը պէտք չէ որ ըլլան ստորին անազնիւ բաներ պէտք չէ որ մոլար գաղափարներ քաջալերող եւ մոլի կիրքեր գրգռող զգացումներ, մտածութիւններ ու պատկերներ պարունակեն: Ոճը կազմող լեզուն ալ պէտք չէ որ ունենայ բառեր ու բացատրութիւններ որ յատուկ ըլլան վատթար հոգիներու:

Գրագէտը պէտք է միշտ կոչում ընէ, երբ որ կը գրէ, իր հոգւոյն բարձրագոյն կարողութեանց ու վիճակներուն, Պարտի տեղեակ ըլլալ բարոյական սկզբունքներուն եւ յարգել զանոնք, հետեւիլ անոնց: Մեծ գրագէտ մը (Paul Bourget) ըսած է թէ գրիչ բռնելու կարող մարդը ամենէն առաջ պարտի բարոյախօս մը ըլլալ:

Ազնուութիւնն ոճին այն յատկութիւնն է որով գրականութիւնը իր բարոյական նպատակին կը հասնի:

7. Պատշաճութիւն (Propriété). Կատարեալ ոճը զերծ է ոեւէ անպատշաճութենէ: Ընդհակառակը հոն պատշաճութիւն կը տիրէ, վասն զի.

Ա. Կատարեալ ոճը նիւթին յարմարագոյն ոճն է, զոր օրինակ լուրջ է՝ երբոր նիւթը տխուր է. թեթեւ ու զուարթ է՝ երբոր նիւթը զուարճալի է. կամ, զոր օրինակ, գարնանային տարրերէ կը բաղկանայ երբոր նիւթն է գարունը, եւն.:

Բ. Կատարեալ ոճը ընթերցողներուն (կամ ունկնդիրներուն) յարմարագոյն ոճն է. զոր օրինակ, տարբեր է երբ տղաքներու կ’ուղղուի, տարբեր՝ երբ ուսումնականներու. տարբեր՝ երբ կը խօսինք անհամբեր, եռանդուն մարդոց, եւ տարբեր՝ երբ հանդարտ, համբերատար մտքերու համար կը ճառենք, եւն.:

Գ. Կատարեալ ոճին մէջ, այն խօսքերը զոր կը դնենք, օրինակի համար, վէպի մը անձերուն բերանը, յարմարագոյն են անոնց: Այսպէս, անուս մարդու մը բերանը դրուած չեն ըլլար ուսումնականներու յատուկ խօսքեր: Բայց կատարեալ ոճի մը մէջ, մաքրութեան դէմ չմեղանչելու համար, գրագէտը ընդհանրապէս կը զեղչէ, կը չափաւորէ ռամիկի մը բերնին վայել անմաքուր բացատրութիւնները:

Դ. Վերջապէս, կատարեալ ոճին մէջ, այս զգացումները կամ մտածութիւնները կամ ո՛եւէ հոգեկան վիճակները, որ բանաստեղծօրէն կ’ընծայուին անշունչ իրերուն, կատարելապէս համաձայն են անոնց: Զոր օրինակ, խիճի մը վայել զգացումներ չենք ընծայեր լերան. եղէգի մը վայել մտածումներ չենք ընծայեր կաղնիին, եւն.:

Անպատշաճութիւնն այնքան դատապարտելի է գրականութեան մէջ, որքան ընկերական կեանքի մէջ’ Արուեստակումն անմիտ բան է ամենուրեք եւ անպատշաճութիւնը՝ յիմարական:

8. Զանազանութիւն (Variété). Կատարեալ ոճը կ’ըլլայ զանազանեալ (varié): Ոճը կազմող տարրերէն ոչ մին (լեզուն), ոչ միւսը (երկրորդական նիւթերը) կ’ըլլան միօրինակ ու ձանձրալի:

Ոճը զանազանեալ կ’ըլլայ, երբ որ՝ լեզուն գործածելու եղանակնիս փոփոխենք, հաստատական ձեւին խառնելով, պատշաճօրէն, ժխտական, հարցական եւ ժխտական-հարցական ձեւեր. նաեւ խօսքերուն երկարութիւնը փոփոխելով. բազմամասն, երկայն պարբերութեանց յաջորդեցնելով կարճ ու կտրուկ նախադասութիւններ եւ փոխադարձաբար:

Ոճը զանազանեալ կ’ըլլայ կատարելապէս, երբ որ միեւնոյն ժամանակ երկրորդական նիւթերն ալ միօրինակ չըլլան. այսինքն չըլլան լոկ զգացումներ, կամ լոկ մտածութիւններ կամ լոկ պատկերներ, այլ անոնք ամենուն մէկ ճաշակաւոր խառնուրդը ձեւացնեն:

Առանց զանազանութեան, բազմաթիւ յատկութիւններով օժտեալ ոճն անգամ ձանձրալի պիտի ըլլար, եւ ատով իսկ անօգուտ: (Sans cesse en écrivant variez vos discours. Un style trop égal et toujours uniforme. En vain brille `s vos yeux, il faut qu’il nous endorme).

9. Ներդաշնակութիւն (Harmonie). Կատարեալ ոճը վերջապէս կ’ըլլայ նաեւ ներդաշնակ (harmonieux): Անոր մէջ ամեն ինչ ախորժելի է ականջին:

Ոճը ներդաշնակ է, երբ որ

Ա. Չենք գործածեր բաղաձայններով խճողուած բառեր որ դժնդակ արտասանութիւն ունին, եւ իրարու ետեւէ չենք բերեր միեւնոյն հնչիւնները, ըլլան ախորժալուր, ըլլան մանաւանդ՝ ականջին անախորժ: Այսպէս աններդաշնակ են հետեւեալ բառերն ու խօսքերը. ձանձրացուցիչ, զկծեցուցիչ, կտակակատար, յողդողդութիւն, դարձմրձկիր, խիղբ եւն. կսկիծն ու թախիծը. «ամենասուրբ տեղիք, համով հոտով լիք». «Ո՞վ իմ պաշտելի շնորհալւոյս տուած եւ առած, օրհնուած եւ օրհնած, աղօթած եւ երգած տեղի, տեսարան ու հանդիսարան». մանկիկը գիրկը կը կրէ, չարաչար ջախջախուեցաւ. չի ջնջուիր. եւն.:

Բ. Երբոր փափուկ իրերու վրայ խօսելու համար կ’ընտրենք փափկահնչիւն բառեր, եւ կոշտ իրերու վրայ խօսելու համար խստաձայն բառեր, որքան որ անշուշտ լեզուն թոյլ կուտայ, կամ ճշդութիւնը կ’արտօնէ: Փոխանակ ըսելու, կակուղ ամպերու կարգեր կը վազէին շարունակ, աւելի ներդաշնակ է ըսել. փափուկ ամպերու հոյլեր անդուլ կ’ընթանային: Կարելի է ըսել. ցնցումը այնքան մեծ էր որ տունը վարէն վեր երերցուց եւ պատուհանները ձայն հանեցին: Բայց աւելի ներդաշնակ պիտի ըլլար եթէ ըսուէր ցնցումը այն աստիճան բուռն էր որ ամբողջ տունը դղրդեց եւ ապակիները ճարճատեցուց:

Ասիկա թեթեւ ու ճաշակաւոր մէկ ձեւն է հին նմանաձայնութեան (onomatopée) որ անգործածելի է այսօր իբրեւ անհանճար ու ծիծաղաշարժ փորձ, ինչպէս էր զոր օր. սա տողը. «Ճռընչէ ճպուռն ի ճղին, ճճուեն ճնճղուկք ճըռուողականք»:

Գ. Երբոր պարբերութեան մը (շղթայեալ խօսքերու խումբի մը) մէջ գտնուող խօսքերը միեւնոյն երկայնութիւնը չեն ունենար այլ ոմանք կարճ կ’ըլլան եւ այլք՝ երկար, երբոր պարբերութիւնը կ’աւարտի երկար խօսքով մը, եւ խօսքն ալ երկար բառով մը, եւ երբոր վերջին բառին վերջին վանկը ինքնին կը շեշտուի:

Արդարեւ երբ խօսք մը աւարտի կարճ բառով մը եւ առանց շեշտի՝ խօսքը կաղ կը թուի, եւ կ’ըլլայ անախորժ (phrase boiteuse). կաղ խօսք մ’է հետեւեալը. Սկիւտար Կոստանդնուպոլսոյ արուարձաններէն մին է. կամ մանաւանդ սա. օսմանեան մայրաքաղաքը նախապէս Պրուսա եղած է: Երկուքն ալ կ’աւարտին անշեշտ ու կարճ բառով. երկրորդին մէջ՝ շեշտը (Պրուսա՛) խօսքին վերջաւորութենէն շատ առաջ է ինկած. պէտք է ըսել Սկիւտար մին է Կ. Պոլսոյ արուարձաններէն, ուր խօսքը կ’աւարտի երկայն բառով մը որ ունի շեշտեալ վերջավանկ: Պէտք էր, դարձեալ, ըսել. օսմ. մայրաքաղաքը նախապէս եղած է Պրուսա, կամ, նախապէս՝ Պրուսա՛ եղած է օսմանեան մայրաքաղաք:

Դ. Ոճին աստիճանները

1. Ոճը աստիճաններ ունի. Գրողներուն, ընթերցողներուն, նիւթերուն ու պարագաներուն համեմատ ոճը կը փոխուի, ուստի բազմապիսի ոճեր կան: Բայց կարելի է անոնց մէջ որոշել երեք աստիճան: Որովհետեւ ոճը գրագէտին անձին արտայայտութեան կերպն է, ուրեմն այդ անձը իր ոճին մէջ յայտնի է աւելի կամ նուազ. արդ, աստիճանները որոշելու համար կը նայինք թէ ի՛նչ չափով անձը ներկայ է ոճին մէջ:

Կը տեսնենք այսպէս՝ թէ ոճեր կան որոնց մէջ գրագէտին անձէն ոչինչ կայ գրեթէ, բացի իր դատողութենէն: Այսպիսի ոճերը կը կազմեն առաջին աստիճան մը զոր կ’անուանենք պարզ ոճ. Կը տեսնենք դեռ ուրիշ ոճեր, որոնց մէջ գրագէտին անձը ներկայ է՝ նաեւ զգայնութեամբ եւ երեւակայութեամբ (զգալու եւ պատկերացնելու կարողութիւններով), ուրեմն իր ճաշակով, իրհակումներով, իր համակրութիւններով: Այս կարգի ոճերը կը կազմեն երկրորդ աստիճան մը՝ միջին ոճ: Կան ուրիշ ոճեր ալ որոնց մէջ գրագէտին անձը կը յայտնուի իր բարձրագոյն եւ անսովոր վիճակներով. զգալու եւ պատկերացնելու, տեսնելու, ըմբռնելու եւ ըսելու գերագոյն կարողութիւններով եւ որոնց մէջ այդ անձը կ’երեւի հասած ընդարձակագոյն եւ հզօրագոյն վիճակին ուր կարելի ըլլայ մարդկային անձի մը հասնիլ: Այս ոճերը կը կազմեն երրորդ աստիճան մը, զոր կ’անուանենք բարձր ոճ:

Գրական երկ մը կրնայ սակայն ներկայացնել ոճի այլ եւ այլ աստիճանները միանգամայն. ինչպէս նաեւ կը պատահի որ գրական երկի մը մէջ տիրէ այդ աստիճաններէն միայն մին:

Ոճը ինչ աստիճանի ալ պատկանի, պարտի ունենալ այն բոլոր յատկութիւնները զոր ճանչցանք եւ որ պայմաններն են կատարեալ ոճին:

2. Պարզ ոճ (Style simple). Նիւթի մը վրայ խօսելու ատեն երբ այդ նիւթին վերաբերեալ էական բաներ միայն կ’ըսենք, առանց երկրորդական եւ երրորդական կարեւորութիւն ունեցող բաներով մեր խօսքը բազմացնելու, եւ այդ էական բառերն ալ կ’ըսենք իրենց իսկական վիճակին մէջ, առանց զանոնք այլափոխելու, մեր ոճը կ’ըլլայ պարզ: Այսպէս, պարզ ոճով խօսած կ’ըլլանք երբ ըսենք. «Արեւը ծագեցաւ». կամ թէ «գիշեր էր», եւ կամ «Դաւիթ թագաւորեց քառասուն տարի»:

Պարզ ոճը պարտի ունենալ սա յատկութիւնները որ սեփական են իրեն. Ա. սեղմութիւն (concision). Անընդհատ յաջորդութիւն էական բառերու, ոչ երբեք խառնուած երկրորդականներով:

Բ. Միամտութիւն (Naïveté). բացակայութիւն շլացնելու նպատակին, առերեւոյթ անգիտակցութիւն ըսուածներուն կարեւորութեան, ամեն ինչ իր իսկական վիճակին մէջ:

Տղոց կամ անուսներու համար գրուած երկերը, գործի վերաբերեալ թուղթերը, սովորական նամակները, լուրերը, եւ մանաւանդ օրէնքները գրուած կ’ըլլան պարզ ոճով: Նոյն ոճով գրուած է Աստուածաշունչը՝ բացի բանաստեղծական եւ մարգարէական մասերէն: Ընդհանրապէս հասուն մարդիկ միայն կարող են պարզ ոճ գործածել, վասնզի ուղիղ դատողութիւն անհրաժեշտ է կարենալու համար էական բաները առնել ու երկրորդականները թողուլ, եւ ամեն ինչ պահել իր իսկական վիճակին մէջ:

Գրագէտը պարտաւոր չէ անպատճառ պարզ ոճով գրելու, բայց պարտաւոր է կարող ըլլալ պարզ ոճով գրելու: