Վերջին բաժակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այս գիրքը քեզ կը նուիրեմ, իմ սիրելի եւ հեռաւոր բարեկամս։ Այստեղ պիտի գտնես մէկ ցոլքը իմ մտածումներուս եւ զգացումներուս՝ որոնց մասին քեզ խօսած եմ երբեմն, այնքան քաղցր եւ նաեւ այնքան անձկալի ժամերու մէջ։

Շնորհակալութեան անսահման պարտք մը ունիմ դէպի քեզ, որը գիտեմ, ո՛չ մէկ բանով կրնամ թեթեւցնել։ Հայրենազուրկ եւ ընտանեզուրկ, դուն քու գորովագին եւ ազնուական բարեկամութեամբ լոյս սփռեցիր իմ տխուր կեանքիս մէջ եւ յաջողեցար ամէն չարիք բարիք դարձնել ինձ համար։

Երբ քեզ հանդիպեցայ, ամէն ինչ խաւար եւ յուսահատութիւն էր ինձ համար եւ քու բարեմիտ ու քաղցր ժպիտով անօսրացուցիր այդ խաւարը։ Քեզնով յաջողեցայ յաղթել մարդուս ամենամեծ թշնամիին, յուսահատ տխրութեան, եւ քու սիրալիր բարեկամութեանդ շնորհիւ է որ ժպիտը կրկին երեւցաւ իմ անձկալի դէմքիս վրայ։ Դուն ինձ օգնեցիր որ վերստին գտնեմ իմ հոգեկան բնածին տրամադրութիւնս եւ լաւատես արիութեամբ դիմագրաւեմ ապագան։

Քեզ կը նուիրեմ ուրեմն այս գիրքը. նոյնիսկ հեռուէն մտածումս քեզ հետ կապելու համար եւ ի յիշատակ այն ժամերուն, երբ, կը յիշե՞ս, իմ սիրելի եւ անմոռանալի բարեկամս, լռին կը քալէինք ծառուղիներէն, լսելով սօսաւիւնը ծառերուն եւ մրմունջը առուակներուն՝ որոնք ա՛յնքան սերտ կերպով մը կը ներդաշնակուէին մեր բարձրագոյն եւ ազնիւ յուզմունքին։