Ծակ պտուկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

I

Դուռը զարնուեցաւ

Օրուան սա պահուն, երբ ալ հանգչած են սանդուխներն ու բակին սալաքարերը, դրան մը կանչը յաճախ անակնկալ խռովք մը կը բանայ տուներէն ներս։ Ոչ մութն է, ոչ ալ լոյսը՝ այդ մշտաստուեր բնակարաններուն ծոցը։

Աղջիկը վերջացուցած էր արդէն աւելը։ Ու հաստատուող խաղաղութեան վրայէն կը խորհէր առտուան եռուզեռին։ Գրեթէ ամբողջ թաղեցին. ձեռքն ու ոտքը բռնողը կիներ, հարսներ, հասուկ աղջիկներ, ու նոյնիսկ մատ մը դպրոցականներ դաշտ իջեր էին ձիթենիներէն թափած հատիկները հաւաքելու։ Բերքը առատ էր ու դիչեր առաջ փոթորիկը՝ կատաղի

հիմա հանդարտ էր փողոցը, ազատ՝ քաղուորներուն երկար կամ ընդմիջուող բացագանչութիւններէն, մեծ քարերուն վրայ սայ թաքող կենդանիները հարուածող հայհոյութիւններէն, որոնք զգալապէս տաք,, պատկերուն ու համով կը դառնան մանաւանդ այն դուռներուն առջեւ, ուրկէ ներս աղուոր կնիկ մը կամ աղջիկ մը կա7 րին։ Եւ առուն, որ Փոշնաղբիւրին ջուրը կ՚անցընէր մայթերուն տակովը, լսելի կ՚ընէր՝ ալ իր պզտիկ մրմունջը, բադերուն խուզարկու կտուցէն ծեծուելով։

Կրկին զարկին։ Նազիկ մէկդի նետեց ցախաւելը, զարմացած՝ թէ ինչու կը պահէր անոր գունտոտ կոթը ափին մէջ։ Ձեռքերը առանց իր գիտնալուն, անգամ մը անցան մազերուն հիւսքէն ու դողդողացին յօնքերուն վրայ, անոնց հաւանական թնճուկը կոկելու բնազդով։ (Անոր յօնքերը համբաւ ունէին շրջանի բոլոր գիւղերուն մէջ)։ Յետոյ, կռնակին ետեւէն վար քաշեց պլուզը, որ պրկեց ու ցուցադրեց անոր կուրծքը։ Ու կեցաւ։ Մտիկ կ՚ընէ՞ր։ Ինքն ալ չէր գիտեր։ Երկար ու հանգչեցնող շունչ մը փորձեց։ Ու տեսաւ որ նեղ էր կուրծքը։ Ու վարանում կար իրմէ ներս։ Ուրկէ՞։ Ինչո՞ւ: Ատեն չունեցաւ պատճառին իջնելու: Ակնթարթի մէջ այդ անհանգստու թիւնը վերածուեցաւ գորշ ու պղտոր յուզումի մը, որ հեղուկի, տաքուկ ջուրի մը պէս տարածուեցաւ անոր սրունքներուն, յետոյ ոտքերուն։ Թմբիրը լուսաւորուեցաւ վախով ու հեշտանքով։ Անիկա խօսք տուած էր ատ առտուն ընդունել իրենց վերի սենեակին մէջ Թումաuիկը։ Ու խռովքին տակն էր խոստումին ու պատահելիքին։ Ու կեցաւ։ Չէ՞ր ուզեր, թէ չէր կրնար չարժիլ։

Երրորդ անգամ զարնուեցաւ դուռը։ 

Բայց զարկը շատ ծանօթ էր իրեն, մեղմ՝, հիւանդ բերնի մը պէս ազազուն ու լայննալու տեղ խորացող զա՛րկը, որ զինքը տուող բազուկին վարանքը կը պատմէ լսել կրցողին։ Որ կը դողայ, երբ կը նուաղի դէպի երկայնքը ու կը ծաւալի տունին հեռաւոր ու մանաւանդ զգայուն անկիւնները, հոն՝ ուր պատերը կը կտրեն պատերը ու կը գրկուին, ու սրտերը կը թափին սրտերուն։ Ինչե՜ր չեն ըսեր երբեմն ջախջախները, իրենց մետաղութեանը մէջէն, երբ այնքան հոգի ու յուզում կը փոխանցեն տախտակներուն ու կուրծքերուն։ Վասնզի սորվեցէք ջախջախները լեզու մը ունին ու հոգի մը։ Ու մենք ամէնքս կը հասկնանք անիկա, պիտի հասկնանք պէտք եղած օրին:

Ու ճիշդ այդ հոգին էր ահա, որ կը դպէր այդ առուն՝ Նազիկին. ու ասիկա՝ ամէնէն չսպասուած կէտերէն: Ամէնէն առաջ սըրտին, ուր անծանօթ բայց խորապէս խեղճ թրթռում մըն էր, անձրե

ումը բանի մը, որ կար ու չկար։ Աղջիկը չկրցաւ ճիշդ սեւեռումն ունենալ այս ուրուացումին, բխումին, բուրվառումին։ Զգաց որ սիրտին պատերը կը նեղնային անիկա դուրս հանելու համար, ու առնելու համար կը լայննային վէրքի մը պէս, զոր կը բռնեն սրսկումի մը տակ։ Ու կոտտացող բան մը եղաւ անոր ամբողջ կուրծքը։ Յետոյ, ան կը դպէր գլուխէն, ուրկէ ներս կ՚երկարէր, կը ցրուէր ու բիւրաւոր ասեղներու վրձինի մը պէս կը ծակծկէր իր ուղեղին ալքերը։ Ու մութ ինկաւ աչքերուն։ Աւելի՛ն. իրեն այնպէս եկաւ, որ թաց էր այդ զարկը ու շրթունք ունէր։ Աւելի՛ն. անիկա կատարելապէս զգաց, որ զարկը մանչ մըն էր, հիւանդ ու դատապարտուած։

Այս ամէնը, մէկ անգամէն, խառնիխուռն ու շատ արագ։ Մեր մտապատկերները իրենց անկանոն խուժուսովը կը ստեղծեն մեր մտքին կարգը, որուն չենք անդրադառնար մինչեւ որ շարժումը չմիջամտէ ու միջոցին կամ ժամանակին մէջ չտեղաւորէ ատոնք։ Այսպէս, ան չնայեցաւ բայց գիտցաւ, որ իր ձեռքերը կը դողային։ Յետոյ, նոյնքան արագ ուրիշ զգայութիւններ ու մղումներ ծակծկեցին իր հոգին, որ պղտոր ու գործ բան մը եղաւ կրկին եւ որ կը շփոթուէր ոտքերուն, սրունքներուն, մէջքին ու ուղեղին վրայ։ Ատեն չտրուեցաւ իրեն անհրաժեշտ զտումն ու դասաւորումը ընելու։ Բայց, այդ աղջամուղջէն զատուեցաւ որոշում մը, յստակ ու անջատ։ Ան մօտեցաւ դրան։ Չէր կրնար թողուլ, որ դուռը կրկնէ այդ կսկծոտ, մեղաւոր ու հրապարակային, խոստովանող զարկը։

Այն ատեն իր քայլերը ամուրյան ու հնչեցին թէ՛ իրեն, թե՞ դուրսինին համար։ Մէկ մատը մղլակին, ան անգամ մը աչքին առ ջեւ բերաւ Թումաuիկը, անանկ հիւանդ ու լքուն, ինչպէս էր անոր պատկերը թաղին մէջ, ամիսներէ ի վեր, անանկ մաղաղկուն, կրակոտ ու արիւնոտ, անանկ պահանջկոտ ու սրտառուչ, ինչպես էր անոր մ ինակութիւնը իր մարմինին հետ։ Ու վերցուց փայտէ նախնական լեզուակը։ Դուռին ահագին փերթը դողդղաց հին ու ժանգոտ ճռինչ մը, էրիկ մարդ է զուրկ տուներու յատուկ (Հայրապենց Հաճի Ստեփանը իր տունէն աւելի ուրիշներունը եղաւ), ուր սայլ չկայ, սղոց չկայ եղուելիք։ Ու հասկնալի է, որ ասոնց կարգին գունան նորէն ծխնիները ու ճմռկուած ու տխուր ողբով մը բացակայ տանտէրը սգան ու տեղի տուաւ, անմիջապէս բռնելու համար ինքզինքը, սուր անկիւնի մը վրայ։ Ու այդ ուղիղ, վերէն վար համաչափ կտրուած բացուածքէն փողոցը երեւաց, բազմագոյն ու բազմաթիւ, բայց անրջական, անկարելի քանակի մը պէս։ կտոր մը միջոց, որ իմաստ չունի։ Յետոյ, առանց տղան տեսնելու ու առանց չրթները դուրս հանելու։ 

- Ի՞նչ է, Թումաս։ 

Անիկա չէր թողած մղլակը ու ծունկը՝ ամրապէս տեղաւորա՛ծ, փեղկի սուր բերանին։ Չէ՞ր ուզեր բանալ։

Տղան չպատասխանեց։ Շատոնց է որ անոր բերանը քիչ, շատ քիչ կը բացուէր, հետեւանքը՝ յատուկ դժնդակ փորձառութեան մը

 

9 

կրցածին չափ կառավարելու համար վիրաւոր կոկորդ մը, ճիշդ ինչպէս կընէր հիմա Նազիկը փեղկին։ Կոկորդին այս նուաղումը չէր կրցած սեղմել սակայն անոր թարթիչներուն ու աչքերուն տենդագին թափահարումն ու թրթռումները։ Անոր նայուածքը, առջի վազքին միշտ թոյլ ու վախկոտ, կամուրնար անմիջապէս որ մեկնէր, ու կը թափանցէր: Այն ատեն անիկա կը դառնար խօսուն կրակ, որ բռնի իր մուտքը կը բանար ամէնէն զրահուած բիբերէն ալ ներս: Երբեմն մեր զգայարանքները յանդգնութիւններ ունեն, որոնց ծանօթ չենք կամ չենք խորհիր։ Բայց անոնք անակնկալ խռովքով մը. կը յառնեն մեր մէջ, հոգեկան մեծ փոթորկումներու պատուն: Ու կը կրկնուինք, կը տասնապատկուինք։ Ան՝ որ պիտի մեռնի, գիտնայ թէ ոչ ատիկա, չամ չնար մահէն ու գեղեցիկ, ու մեծ է անկէ։ Այդպէս էր, որ չես գիտեր ի'նչ վճռական ու բուսահատ բան էր, որ վազեց տղուն. ակնարկէն, բոլորովին նոր, անդիմադրելի, որ նուաճեց Նազիկին աչքերը, ետ, դէպի իր ոտները հրեց անոնց նայուածքը ու ինք առաջ անցաւ, ինք՝ հիմա այդ հոսանքը, մագնիսը, կրակը։ 

Փերթը կոտրեցաւ իր ընդդիմութեան անկինին վրայ ու արձակեց. խոշոր, գիտակցուած հեծք մը, որ մարդկային, հիւանդ ու երկչոտ, բան մը կը ծորէր իր բզիկ–բզիկ նուաղումին մէջէն։ Ճիշդ՝ ինչպէս կը պատահի մեր շատ ուժով մէկ վշտին, որ յաղթահարուած առաւելագոյնէն, կը ծալուի ինքն իր մէջ, նկուն ու նահանջող։ Ու փերթը տղան առաւ ներս։ Անիկա գոցուեցաւ խելոք ու անաղմուկ։ Լոյսը քիչցաւ մէկէն ու մսեցաւ օդը։ Ու տղան ու աղջիկը չէին հասկընար, թէ ինչո՞ւ գամուած կը մնային դրան ետեւը։

Բա՛կը։ Խոնաւ։ Դէպի խորերը ան կը մութնար բոլորովին, ուրուլացնելով առասպելական փորերը կատոզներուն [1] ։ Ամառ թէ ձմեռ, ան լեցուն էր տխուր ու սեւ հոտով մը, արեւ չինկած տեղերուն գործ տրտմութիւնը։ Տունին շինուած օրէն, արեւը դադրեր էր հոնկէ։ Ամրան խիստ տաքերուն անգամ այդ հոտը չէր հալածուեր։ Այդ առտու, անիկա կճում բերաւ տղուն: Աշնան յառաջացած օրերն էին ու լոյսը դժուար կը տաքնար։ Ցուրտը կը դպէր նոյնիսկ առողջներում:

Բակը։ Բայց պաղէն աւելի, որ մտած էր արդէն իր մորթէն ներս, Թումաս կը զգար, ու ասիկա՝ աւելի ուժգնօրէն, ընտանի, փնտռուած, ստուերոտ այդ մենութիւնը, որուն մէջ ան ինքզինքը պաշտպանուած գիտէր ուրիշներուն նայուածքէն։ Հիւծախտաւորները կը տառապին լոյսէն, ինչպէս նայուածքէն։ հոս, գոհ Էր, երջանիկ 

10

էր անիկա, գրեթէ մանկական միամտութեամբ մը, այդ ահագին տունին մէջ, Նազիկին հետ մինակ ըլլալուն։

Ան՝ դիմացի տունէն, որ իրենցն էր, լրտեսեր էր մեծ մօրը ելքը։ (Հայրապենց Խաթունը քաղուորներուն հետ ոտքի էր)։ Գուշակը՝ անոր կոշիկներուն տեսակէն, յապաղումին տեւողութիւնը։ Իր մայրը դաշտն էր հիմա։ Ու թաղին աչքերը՝ նուազած։

Կարապին ապահովութիւնը զուարթ, բայց տաժանագին ժպիտով մը կրկնուեցաւ անոր դէմքին։ Ժպիտը կոտրեցաւ հոն, ծառալելու արգիլուած։ Անիկա տարի մը կայ, որ կը խուսափէր խնդալէ, օր մը բռնած ըլլալով այլանդակութիւնը իր պատկերին գայլի մը մէջ։ Անոր երեսին վրայ ժպիտը ծամածռութիւն մը կ՚ըլլար, բըռնշելով, ցանցուելով, բեկուելով այտոսկրներուն խորտուբորտ՝ անկիւններէն։ Ու նեղուեցաւ: Անոր ականջները իրենց մեղրամոմի գոնէն անցան կրակի գոյնին ու դեղնեցան կրկին, նոյն արագութեամբ։ Դուրսէն նայող մը ատոնք աւելորդ ու բռնի դրուած բաներ պիտի կարծէր, քունքերուն վերօքը, ուրկէ ոսկորի մը սապատը կուռենար ու իր երկու քովերուն կը փորէր դժնդակ փոսեր։ Բայց անոր շունչը արագ էր ու աղմկոտ։ Անիկա հիմա մանաւանդ կը վախնար այդ խժռքին հաշուոյն։ Անոր աչքերուն մէջ ուրուացաւ որոշումի մը բա Միքը, որ կասկածելի կը թուէր իր արդիւնքին համար: Հակառակ իր բուռն ճիգին, շրթունքները կրծելուն, հեռքը՝ կը յամառէր բզզալու, կարծես աներեւոյթ փեթակի մը խորերէն ու նկուն ու տգեղ կընէր անոր պատանի արտայայտութիւնը։ Մեղք մըն է, գեղերուն մէջ, հիւանդ ըլլալը, անպատշաճ տարիքներու վրայ։ Աչքերը փնտռեցին նստելու տեղ մը ու չգտան։

Աղջիկը կը դիտէր զայն, կռնակը դրան, թեթեւ մը չոգեւորած՝ ցանցակերպ լոյսէ մը, որ կը հոսէր վերէն, տախտակի չեր տերով կազմուած քառակուսի հիւսուածքէն։ Մէկ մատը մղլակին վրայ, մտազբաղ էր ան ու խռոված։ Մէկէն կարծեց, թէ կը վախնար: Ուզեց խորանալ ու պատճառներ փնտռեց։ Բայց տեսաւ, որ զգայուն թիւնը թռած էր: Կռնակովը չօշափեց դրան հաստ իրանը: Ասոր հետ, ասոր քով, մղլակին միշտ մատովը իշխելով, ան ապահով կը զգար ինքզինքը։ Ինչո՞ւ: Ինքզի՞նք կը խաբէր։ Բայց գիտէր, թէ. տղան ինչո'ւ հոն էր: Կը զգուշանար, նախապէս սորվըւած դասէ մը խրատած, խօսքէն ու շարժումէն։ Առաջին՝ բակին թափանցիկ պատերէն։ Երկրորդ՝ տղուն անխուսափելի Հազէն, որ բառերուն հետ, կարծես անոնց կռնակը Հեծած, պիտի ելէր վեր, անոր կուրծքին խոռոչներէն ու կսկծուն քանով մը պիտի անցնէր բակէ բակ, գտնելու համար Սողմէնին կասկածոտ ականջները։ 

- 11 - 

Գեղի տուները, մեր շրջաններուն, քիչ անգամ կառանձնանան։ Անոնք հաւաքական ու հսկայ կառոյցներ են երեք–չորս, երբեմն ութ տասը եղբայրներու միակամ բազուկներով ոտքի կանգնած։ Ու անգամ մը այդպէս բազմելէ ետք, անոնք կը պահեն յաճախ դարու մը վրայ, նոյն լայնատարած տանիքը, երբ վարը, բակը շատոնց բաժին–բաժին զատուած ըլլայ, երբեմն տախտակորմով, երբեմն չուանով։

Հայրապենց տունը մեկն էլ այդ մեծակառոյց չէնքերէն։ Նահապետը կէս դար առաջ բարձրացուցած էր զայն, իր փառքին բոլոր փայլին մէջ։ հիմա անիկա բաժնուած էր երեք անջատ բնակարաններու, որոնցմէ մէկը օտարին կը պատկանէր, անորդի շիջած Հայրապենց Խաչատուրին բաժինը։ Միջին մասը Նազիկենց էր, ուր կապրէին Հայրապենց Հաճի Ստեփանը եւ անոր մայրը՝ Հաճի Խաթունը։ Աջ կողմը գրաւուած էր Հայրապենց Հաճի Նիկողոսէն, որուն Հարսը, Սողմէնը հսկողութեան տակ կը պահէր դրացին, Թումասը, անոր վրայ ջուր ու մոխիր թափելով, երբ նստէր անիկա իրենց պատերուն, դուռներուն առջին։

Հայրապենց Հաճի Ստեփանը վերնայարկերը բաժնող միջնորմները հիւսել տուեր էր հաստ ու գուլ աղիւսէ, ով գիտէ ի՛նչ հաշիւներու հպատակելով։ Բայց բակը կը մնար իր նախնական պատերով, զորս կը յօրինէին հասարակ շաղախով հազիւ ծածկուած կաղնիի ճիւղեր։ Ու թափանցիկ էին անոնք։ Երբեմն միւս բակէն լոյս մը, գիշեր ատեն, բազմաթիւ ծակերէ կը թափէր ասդին։ հանդարտ պահերուն, կարելի էր հետեւիլ հոն կատարուող խօսակցութեան մը, առանց բառ մը փախցնելու:

Այս պահուն կը խօսէին հոն։ հարցը՝ օրուան աշխատանքի մասին էր։ Կեսուրը Հաջան Դադէնը, ինչպէս կը ճանչցուէր գեղին մէջ, նշանաւոր իր շատախօսութեամբը, դաժանութեամբը ու էրիկմարդութիւնովը, կը դասաւորէր տունին գործերը, յստակ ու կտրուկ, անդիմադարձ հեղինակութեամբ մը, որուն շեշտէն իսկ կը գուշակէիր, թէ անկարելի էր ոչինչ փոխել այդ հրամաններէն։ 

Պի՛նդ, առաջ ջուրը։

Յայտնի էր, որ եօթն ամսով ծոցուոր հարսնուկը ջուրը կ՚ուզէր ձգել ամէնէն վերջին, սարսափած ըլլալուն երկանկղանի հսկայ սափորէն։ Ու յայտնի էր, որ Հաջան Դադէնը միշտ ալ առաջ կը քչէր ահագին ամանը։ 

Ետքէն ապուրը։

Աղբիւրէն յետոյ անիկա դոյլով ապուր եւ պիտի պիտի տանէր Սարգիսին, իր մարդուն, որ օրհարսակի ճաշը պիտի սպասէր 

12

Տէրտէրանց այգիները։ Էտինք չեղած տունը պիտի ըլլար անպատ ճառ, զգուշանալով հոս ու հոն թափառելէ, եփելու մը տիկնիկ* եւ հատկուտիկ [2] ժողվելէ ետք։ 

Ֆուլիկն ալ կ՚երթայ, մտածեց Թումասը, չես գիտեր ինչու բարձր ձայնով։ Անիկա կ՚երերար իր յոգնած սրունքներուն վրայ։ Մտածում էին հետ խանգարուեցաւ իր պահել կրցած համեմատական խելքութիւնը։ Անոր շարժումները կարծես կը սպասէին այդ ձայնար մտածում էին, դուրս գալու համար իրենց ծալքերէն։ Ու անիկա կը թրթռար պզտիկ, բազմաստեղն ու յարաբուխ այն սարսուռով, որ իրկունները զինքը կը գամ էր օճախի թեմին, ու, թեւերուն, ծոծրակին ու ամբողջ միսերուն վրայ անհամար փչտիկներ, գնդասեղի գլխիկներ կ՚ոլորէր։ Եղերական գիտութի՛ւնը այդ տղուն, որ ամիսներէ ի վեր փորձը ունէր սարսուռին յաջորդ բզկտումին։ Այն՝ պուկին կոխուած ու պատռտուիլ չկրցող թեւաբախումին, որ մեր շունչը թանձր ու անտես ձիւթի մը պէս ծանր, կպչուն, չելլող կընէ ու մեր կուրծքը՝ մորթուող թռչունի բերնին նման խեղճ ու արիւնոտ։ Հազին՝ որ պիտի գալարուէր, իր գիծին վրայ, իր պոչին վրայ տնկուող սողունի մը պէս, կուրծքին անդունդներէն ու սողոսկր պիտի դէպի կոկորդը, բիւրաւոր ատամներովը կճելու, ասղնտելու, խածկրտելու համար անոր անցքերը: Յետոյ սիրտին՝ որ պիտի կոտտար, կոտտար իր երեսները զարնելով վանդակին ճաղերուն, զանոնք կոտրելու չափ զօրաւոր, եւ որուն զարկերը չարագուշակ պատկերով մը միշտ ալ նմանցուցեր էր դագաղի մը վրայ թափուող գուղձերու ձայնին, անոնց խուլ, յուսահատ կշռոյթովը։ Այս մտապատկերին եւ ընկերանար ողջ–ողջ թաղւելու դժնդակ խեղդուք մըն ալ։ Ու սպասեց։

Բայց հազը չեկաւ։ Դեռ տունէն չզատուած՝ անիկա կշռեր էր կարելի վտանգները, հաւանական մատանումները։ Ու անոր ներսէն փայլակած էր վճռական որոշումը այդ օրը ոչ մէկ գնով հազալու։ Չհազալու մանաւանդ բակի դաւաճան պատերուն առջեւ։ Կրկին աչքովը տեղ փնտռեց։ Ոչինչ։ Կը քրտնէր։ Յետոյ, նեղուած այս անիմաստ տառապանքէն, փութացուց ինքզինքը։ Ան պիտի բարձրանար երկրորդ յարկը։ Ի՞նչ հերոսական էր սակայն այս որոշումը մէկու մը համար, որ իրենց դուռը փողոցէն բաժնող երեք աչք սանդուխին կը նայէր ստոյգ, սպաննող տառապանքով, շաբաթէ մը ի վեր։ Ինչպէ՞ս գտաւ իր մէջ այդքան ուժ։ Բայց զգաց, թէ կար անիկա, անկարելի հրաշքի մը պէս։ Ու յանդուգն ու զօրաւոր, ան աչքն ու 

* 

13

մարմինը ուղղեց խորքի սանդուխին, որում կազմածը մեծկակ վանդակով մը կը պատուէր հաւերէն ու բակի կենդանիներէն։

Մաման վեր չէ։ 

Գիտեմ, պատասխանեց տղան, առանց զարմանալու, որ երկուքն ալ չխօսելով հանդերձ նոյնը կը մտածէին։ է Ու երկու ձայներն ալ դուրս էին իրենց սովորական տարազէն։ Աղջկանը՝ պզտիկ, անհանգիստ, վարանոտ։ Այն տարտամ շեշտը, որուն լիակատար ըմբռնումը մեզի կը տրուի առաւելապէս աչքերով, երբ ասոնք չեն ուզեր, բայց չեն ալ մերժեր։ Տղո՛ւնը՝ լայնցած, զօրացած այն անանուն բանով, որուն կը հանդիպինք, զոր կը գտնենք վճռական պահերուն, մեր շուրջն ու մեր մէջը։ Վտանգին քաջութիւնը՝ ինչպէս դիտած են պատերազմիկները։ Անոր դեղնած ու դեդեւուն շրթներուն համար անակնկալ ու գեղեցիկ էր այս պատասխանը

Նորէն լռեցին։ Բայց իսկոյն փափուկ ու թաղիքի պէս խուլ յատակին վրայ բակին, տղուն քայլերը բացուեցան հատ–հատ։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ իր քայլերը կիյնային Հողին վրայ, անծանօթ պտուղներու հեծքովը, որուն շեշտը կը մնար կառչած իր ուղեղին, երազի մը պահէն, երբ անշրջագիծ դաշտերու վրայ կը պտըտէր մինակ ու լալով։ Ինչո՞ւ յիշեց յանկարծ այդ հեռաւոր երազը։ Բայց գանկին տակէն զգայութիւնը տարածուեցաւ իր դէմքին՝ հոն թափելով այլուրային, անիրական արտայայտութիւն։ Ամէնքս ալ ունինք մեր կեանքին մէջ այս վայրկեաններէն եւ այս դիմակներէն։ Կապրէր ու չէր ապրեր ան այդ պահուն։ Ու երկնցուց մատը, երազ մը բռնելու նման, դէպի սանդուխին դուռը, որ հեծկլտաց խորունկ, մարդկային, մատնող իր հեծկլտուքը։

Տղաքը վախցան։ Կարծես սանդուխին մռայլ այդ չեմքին, տունին ոգին, Հայրապենց Հայրապետը իր յայտնութիւնը կընէ, չարագուշակ ազդարարութիւն մը՝ մինակութիւնները հետապնդող աղէտէն։ Աղջիկը ձգեց մեծ դուռին մղլակը ու վազեց սանդուխին: Ինչո՞ւ մտքէն չանցուց, գոնէ առաջին շարժումով, գոցել զայն տղուն առջեւ։ Բայց ինչո՞ւ վազեց։ Ու մէկէն տեսաւ, որ վազեր էր սանդուխի աչքերուն վտանգը դիմաւորելու։ Ամչցաւ։ Բայց իր ձեռքը չէր։ Հաճի Նիկողոսին կողմէն պատը թուղթի պէս բարակ էր ու շատախօս։ Վտանգը որոշ էր, մանաւանդ Հարս Սողմէնին հետաքրքիր հսկողութեամբը, որ քանի անգամ արգիլած էր իրեն ներս չառնել տունէն այդ վէրէմլին։

Քով քովի կեցան ամուր, չեմ ի մեծ քարին։ Անաղմուկ ետ եկող դուռը գրեթէ կը լինէր գիշերային մութ մը, որ կը ծածկէր զանոն պատերէն գալիք Հաւանական աչքերէն

14

Դէմէն Հաջան Դադէնին կիսատ ու խիստ ձայնը ծակեց որմը ու անցաւ իրենց, շատ յստակ։ Անիկա կարգադրած էր ամէն բան։ Իր հարսը արդէն այգի կը ղրկէր, այսքան կանուխ, արտօնելով անոր՝ մէրանցը հանդիպիլ հեղ մը։ Տղաքը գիտէին պառաւին այս թոյլտուութեան թաքուն պատճառը։ Հարսէն անմիջապէս ետք, պօղին [3] տակը պզտիկ ծրար մը ապուրդու, անիկա պիտի երթար իր աղջկանը վարժութիւն մը, որ ծանօթ էր ամբողջ թաղին տարիներէ ի վեր։ Գողութիւնը, երբ անվտանգ է, աճապարանք կը բերէ մեզի։ Սոխրածին հոտը տարածուած էր արդեն երեք բակերուն ալ մէջը ու կը կճէր, մանր ու սղոցուն, Թումասին կոկորդը, ուր կարծես խոնաւ բակէն քիչ մը մառ կը փաթթուէր ձայնին օղակներուն: Ան թաշկինակը անցուց ակռաներուն, հաւանական վտանգի մը դէմ կանխագոգ ու զգուշաւոր:

Ո՞վ ըսաւ իրենց որ ելլեն: Իրարու քովէ, գրեթէ իրարու կըռթնած, ձեռք ձեռքի, անոնք մէկ մարմնի պէս ելան առաջին յարկը։ Սանդուխին վերի գլուխը նոյնքան մութ կար, որքան վարը։ Ու տղան, անկարող շարունակելու՝ նստաւ:

Առաջին յարկերը գեղի տուներուն անհանգիստ ու մատնող բան մը ունին։ Անոնք գրեթէ բոլորովին մերկ սրատներ են, որոնց փողոցի վրայ պատուհանները մշտապես իրարու դէմ բացուած աչքերու կը նմանին: Գիւղացի մարդը իր օրը կանցընէ սրճարանին կամ արտին մէջ։ Կինը՝ փողոցը կամ բակը։ Գեղին ճարտարապետութիւնը հաշուի չէ առած սիրաբարը, որ հազուադէպ կենդանի մըն է տուներէն ներս: Անիկա գիշերինն է, կամ գեղը շրջապատող ձորակի ճամբաներուն, ուր կերեւայ զէնքով կամ ձիով, կը սպաննէ կամ կը փախցնէ։ 

Դէմի տունէն պառաւ մը կապերտի կտոր մը թօթուեց պատուհանէն։ Աչքերը աւրուած ըլլալուն՝ չէր կրնար տեսնել տղաքը։ Բայց վտանգը կար Սողմէնին կողմէն։ Պատը սանդուխը շինած էր, եւ նոյն բարակութիւնով կը շարունակուէր։ Յետոյ, անոնց ուզածն ու փնտռածը երկրորդ յարկին ապահով մենութիւնն էր:

Վարէն Դադէնենց դուռը ամուր փակուեցաւ, երեք տուներն ալ թեթեւ դողացին բախումէն։ Նազիկ գիտէր, թէ պառաւը, ոտքը չեմէն ազատելէն ետքը ծուռ–ծուռ պիտի նայէր դէմ անկող պատուհանին, պզտիկ, բայց յստակ ու լսելի անէծք մը պիտի տեղաւորէր անծանօթ, բայց շատ հասկնալի հասցէով։ Ու անմիջապէս յետոյ, հայհոյութիւնը, հաստ, լայն, անպատկառ՝ անդամալոյծ Օհանին, որ 

15 

խոշոր կլոզ մը թուք պիտի նետէր օդին մէջ, անոր ետեւէն։ Տասը տարուան կռիւ մը, որ անշահեկան էր ուրիշներուն, բայց որմէ համ կ՚առնէին երկու ծերութիւնները։ Տունի կռիւ էր։ Փողոցի կեանքին մաս կը կազմէր ալ այդ ամէն օրուան անվրէպ փոխասացութիւնը։

Անոնք երկրորդ յարկ բարձրացան։ Բայց տղան դեղնեցաւ, չափէն քիչ մը աւելի։ Յիսուն ոտք սանդուխի այս արհամարհանքը հերոսութիւն մըն էր, որ սուղ կշռեց անոր շատ յառաջացած հիւանդ թոքերուն։ Ստիպուած էր բերանը բանալու։ Շունչը պակաս կու գար։ Բայց փոշի՞ն։ Ու կապեց կոկորդը։ Վճռած էր չբազալ։

Երկրորդ յարկն ալ կրկնութիւնն էր վարինին։ Նոյն ընդարձակ սրահը, աջ անկիւնին սենեակ մը։ Բայց՝ պատուհաններուն դէմ, ազա՛տ՝ կապոյտը։ Հայրապենց Հայրապետը իր գերաններուն չափը ինք անձամբ տուած էր տախտակ կտրողներուն։ Ատոնք երկու կանգուն աւելի էին հասակով, քան ընդունուած չափերը։ Այդ կարգադրութեամբ իր վերնայարկերը կ՚իշխէին թաղին բոլոր տանիքներուն։

Սրահին արձակ տարածութիւնը գրաւուած էր թթենիի տերեւներով, որոնք աշնան կը չոփեն ու կը փռեն չորնալու։ Այծերուն ուտեստը՝ ձիւնոտ օրերուն։ Անոնք մինչեւ ծունկ մը կը ծածկէին տախտակամածը։ Անոնց կէս մը չորցած մարմիններուն վրայ կոխող ոտքերու թիւը կը շփոթուէր միօրինակ չխրտուքի մը մէջ։ Յաճախ կատու մը գողերու չափ աղմուկ կրնար ստեղծել։ Առաստաղի հաստ ու գունտոտ գերաններէն պտուղներու շատ տեսակներ, հիւսուած կամ բոլորակի մը հագցուած։ Ու երկար, միաչափ հիւսքերը չամիչներուն, որոնք իրենց թառամած մաշկին համար սուտակի տժգոյն կարմիր մը ճարելու վրայ էին։ Գեղեցիկ էր այս պատկերը, լայնօրէն լուսաւորուած դուրսէն, տեղ–տեղ ալ՝ տանիքէն սպրդած ճառագայթներով։ Ու ասոնց ամէնուն տեսքէն ու հոգիէն, հոտէն ու գորնէն կը շինուէր աշունը, մեղմ, թափանցող ու տխուր։

Չոր տերեւներուն մէջէն, անոնց ոտքերը խառնակ զարկով մը կը յառաջանային դէպի սենեակը։ Անոնք քանի մը անգամներ այդ ուխտագնացութիւնը ըրեր էին, ատանկ գաղտուկ, մատներուն ծայ րը կոխելէն, երբ մերկ էր տախտակամածը, ու վարը՝ Նազիկին մեծ մայրը։ 

Սենեակին մէջ, դդումները, ամբողջ գլուխ ու մտածում, կը նստէին հանդարտ ու մեծփոր՝ կոթերնին մէկ ուղղութեամբ, աչակերտներու պէս կարգապահ ու խելօք։ Երեք պատուհաններ մէկ երե սի վրայ։ Ու ճիշդ անոնց գիծին ներքեւ բազմոցը, ուր փտած խնձորներու կոյտ մը դեղին աղտի մը պէս կը զատուէր սեւ սփռոցին յատակէն

16

Անոնց մտքէն այսօր չանցաւ համբուրուիլ։ ~ բան մը, որուն հետամուտ կըլլային ուրիշ ատեններ, այնքան սրտառուչ կարօտով։ Ու անգամ մը ուռած Թումասին շունչը չէր դառնար իր սովորական կշռոյթին։ Հեւքը կը յամառէր: Ան կը սաստկանար նուազագոյն շարժումով իսկ։ Տերեւներէն վերցող չոր փոշին, պտուղներուն ու անբնակ սենեակին կծու հոտերը իրարու կը խառնուէին ու կը սղոց էին անոր կոկորդը։ 

Կծկտած էր բազմոցին ոտքին, որ կը պահէր անոր հասակը ամբողջ։ Պատուհանէն վար՝ տանիքն էր։ Պատուհանին դէմ՝ հեռաւոր ու յստակ կաղապարները իրարու ագուցուած բլուրներուն, ուր աչունի կարմիրները սկսեր էին ճշդուիլ։ 

Ու չէր խօսեր, ակռաները սեղմած, կոկորդը օղակած գրեթէ մատներովը։ Բայց կը նայէր, իր անյագուրդ ու անսովոր նայուած քը, աղջկան կռնակէն, որ արեւին մէջ կարմիր բռնկում մը կը դառնար, վարդերանգ բան մը անդրադարձելով անոր մարմինին մերկ մաuերուն։ Գլուխը պատուհանէն դուրս՝ Նազիկ կը դիտէր փողոցին պարապութիւնը, հաւերու խումբի մը անխելք գզուըտուքը աքաղաղի մը շուրջը։ Մէկ ձեռքով առաւ կռնակէն մազին կէս հիւսքը, դեղին ու մետաքսի կարծի մը պէս եղկ ու ցոլացիկ եւ Շարժումը ներս դարձուց անոր կիսադէմքը։ 

Ինչի՞ կը նայիս։

Ու քակուեցաւ կարծես անոր չէնքը, այդ մէկ հատիկ նախադասութիւնով։ Պրկուեցան անոր երեսները։ Ու կապուտցան անոր չրթները, եւ ուռեցան անոր աչքերուն գունտերը, մինչ կը փոuնային կապիճները։ Մէկ ձեռքը սրտին, միւսն ալ բերնին, ան կ՚աշխատէր մեղմել տագնապը, խեղդել հազը։ Ու ողբագին բան էր դիտել, թէ ի՛նչպէս ան թաղեց գլուխը ծունկերուն մէջը ու կուլ տուաւ հազը։ Բայց այս ճիգը իրեն արժեց ահաւոր հեւք մը։ Ճակտի գիծերուն ու հաստցած երակներուն քովերը քրտինքը բուսաւ, բարակ ու արագ։ Ու բերնին մէջ զզուելի համ մը մոխիրի, որ սարսափի փոխուեցաւ երեսին վրայ։ Գիտէր։ Արիւն էր կրկին կուլ տուաւ:

Այն ատեն աղջիկը բաժնուեցաւ պատուհանէն։ Անիկա վարժըւած էր այդ նոպաներուն։ Ձեռքը դրա տղուն ճակտին ու սրբեց 

Քրտինքը, փափուկ, գորովոտ, մեղքնալէն։

Միսերու այս հաշտութիւնը անդրադարձաւ Թումասին, որուն երեսէն խառնակ ու պրկուած գիծերը իջան ու կոկուեցան։ Աչքին պտուղները մտան իրենց սովորական ձուածիրին մէջ։ Ու հեւքը իր խարտումի կարծրութենէն ինկաւ քիչ մը։ Հետզհետէ անիկա կը մօտենար շունչի մը կշռոյթին։ 

17

Ու չէին խօսեր, բայց այդ տագնապներէն ետք, անոնք իրարու վրայ կը թափէին մանկական գուրգուրանք մը, առանց բառի, առանց մեծ շարժումներու։ Ու անոնք եղան աշնան այդ առտուն, իրարու մօտիկ, այնպէս՝ ինչպէս. կ՚ըլլար ատիկա, ամիսներ առաջ, երբ Թումաuիկը տակաւին քաղաք չէր գացած, մեծ բժիշկներուն, ու անոր հիւանդութիւնը տունէն դուրս չէր ելած, փողոցին սեփականութիւնը դառնալու համար։ 

Կը պատահի, որ դէմ դիմաց պատուհանները, ղեղերուն մէջ, երբեմն փակ կը մնան սերունդէ սերունդ: Քէնը, կռիւը, թափուած արիւնը լուալու հարկը հարազատ ժառանգութիւնն են ընտանիքին, ինչպէս ձիթենիի մութ ու պարարտ պարտէզները, ինչպէս Տուզլայի հպարտ այգիները։ Տուներ կան, որոնց շեմէն կարգ մը մարդեր իրարու կ՚երթան մեռելէ մեռել։ 

Ու կան նաեւ ուրիշներ, քիչ բայց իրական, որոնք իրարու պատ կը ծակեն, աւելի շուտ հասնելու համար իրարու։ Որոնք իրարմէ բաժնող փողոցին շերտը կամ տախտացանկը աւելորդ բան կը կարծես:

Այսպէս եղան երկու տուները այս երկու պատանիներուն, Հայրապենց Նազիկին ու Օվակենց Թումասին, բացառիկ ճակատագրով ու բացառիկ դժբախտութիւններով։ 

Երբ Օվակենց Օվակը, Թումասի Հայրը, որ կը բնակէր գեղին միւս ծայրը, Ձորակին թաղը, որոշեց գնել իր ներկայ տունը, Հայրը, արդար թաղի մը արդար նահապետը, գլուխը թօթուելով, մարգարէ ու լուրջ ըսաւ անոր

Օվակենց Օվակ, խերով բան չըրիր։ Աստուած բարին կատարէ։ 

Ու սխալած չէր արդար ծերունին։ 

Գեղերուն մէջ թաղերը միշտ նոյն ծագումը չունին։ Աւանդութիւններ, երգեր, նախապաշարումներ, լեզուն անգամ թաղէ թաղ կ՚ապրին առանձին, իրարու չխառնելով իրենց սկիզբին նկարագիրը։ Ու ասիկա այսպէս, սերունդներու երկարութեան մը վրայ։ Ով գիտէ ի՛նչ փոթորիկներէ նետուած Փոքր Ասիոյ այս ծայրակետերուն, ա

18

նոնք կորսնցուցած են յիշատակը իրենց հեռաւոր հայրենիքին, բայց հաւատարիմ՝ կը մնան անոր բարքի, կենցաղի ճամբաներէն, որոնք անաղարտ կը պահպանեն սկզբնական կերպը կեանքին։ Այսպէսով է, որ կը քալեն անհանգիտութիւնները, կը խորանան տարբերութիւնները։ Ու թաղեր կըլլան երբեմն թշնամի՝ թաղերուն։ Ու մէկէն միւսը զատ են հոգիները, գրեթէ` դէմքերը։ Ասիկա դարերու գործն է։ Ու չարագուշակ է ձգել իր պապերուն թաղը, ինչպէս օտար թաղէ աղջիկ կամ տղայ վերցնելը։ Այս օրէնքով է, որ մեր օրերուն տակառ ւին կարելի էր տեսնել շքեղ գիւղաքաղաքին մէջ, ուր արդի կեանքին քանի մը մասնայատկութիւնները, անոր մէկ–երկու ճարտարարուեստները, տարազները եւ մոլութիւնները լայն ծաւալ ունէին, քիչ անդին, ձորակով մը զատուած միւս մասին մէջ, ուրիշ աշխարհ մը՝ տուներու ուրիշ խմբակ մը, որ կ՚ապրէր առնուազն երկու դարու անցեալի մը վրայ։ Պարզ, հաւատաւոր ու բարի, անոնց այրերը մութնուլուսուն կը մեկնէին աշխատանքի: Անոնք դաշտի դիւրին ու մեղաւոր վաստակէն կը նախընտրէին պապենական լեռնակողերը, ուր կաճի ժուժկալ եգիպտացորենը պտիկ մը ջուրով։ Անոնք կու տային ահագին գեղին ամբողջ ցորենը։ Ու անոնց կիները պարզ, աղուոր ու առաքինի, քառսունը չանցած ժամ՝ իսկ չէին երեւար, իրենց մարմինին փորձութիւնները զգուշանալով ցուցադրելէ։ Զուսպ ու յարգալիր՝ անոնք զոհ չէին տուած իրենց աղջիկներին ու ամ բարշտութիւնը ու բամբասանքը օտար էին անոնց շրթներուն։

Այն թաղը, ուր տուն–տեղ եղաւ հօրենական ալ նեղ իր բնակարանէն հեռանալու ստիպուած Օվակենց Օվակը, գեղին ամէնէն նոր մասն էր, խճուղիին հետ մէջտեղ ելած։ Մեղքին ու բոլոր աղտերուն մեծ պողոտան, այդ խճուղին մէկ–երկու տարուան մէջ գեղին սա չմանները ու պատնէշները խրամատած էր լայնօրէն: Ան կու գար քաղաքէն ու կը կրէր իր հեշտ կռնակին վրայ անոր բոլոր փորձու թիւնները։ Դէպի մօտակայ թուրք գիւղերը հոնկէ կը մեկնէր նորէն ուրիշ մը, անոր ուռինազարդ հրապարակէն, որ տասը տարի առաջ ամայի խաղավայր մը դպրոցէն փախստական տղոց, այսօր իր քազինոները, սրճարանները, խանութները իրարու դէմ կը չարէր, ներկըած ու բարձրադիր տուներու օղակի մը մէջ հանգուցուած։ Ու անոր վաճառատուներուն մէջ ցոյցի կը դրուէին քաղաքին մեղքերն ու ապրանքները։ Ու գիշեր–ցերեկ հոն կերգէր թմբուկը, կերգէր զուռնան: Հոն կը խաղցնէին իրենց ներկուած պորտերը թուրք պոռնիկները, որոնք շրջակայ պզտիկ գեղերուն մէջ այնքան առատ կը բուսնէին, անամուսին՝ քամլքուած՝ իրենց սիրողներէն։ Հոն կու գային դարձեալ թուրքերը, փաթթոցով ու մօրուօք, ու կը հրապուրէին գեղին աղքատիկ բայց գեղադէմ տղաքը, զանոնք բարձր վճա

խրամատում, հարուան,, Աղտերուն 

19

րումով վարձելով իրենց հողագործական աշխատանքին եւ ուր այդ դեղանի տղաքը կը մոլորէին անոնց կիներէն, յետոյ աղջիկներին ու հոգինին վրայ կու տային, հաւատքնին ուրանալով։ Ու նշանաւոր էին, շատ ընդարձակ համբաւով մը բնակիչները այդ թաղին՝ իրենց քաջութիւններովը եւ մոլութիւններովը։ Ու գինով էին, առտուն, կէսօրին ու կէս գիշերին։ Անոնք առտուանց «բարի լոյս»ին տեղ, եչեք ձեռք խաչին տեղ, տոլով գինի կը պարզէին իրենց փորին։ Բայց շահած էին արժանաւոր ու սրտագին հիացում՝ դանակի գործածութեան մէջ։ Հոն կը խմէին խումբով այն երիտասարդները, որոնք իրենց հասակէն քիչ պղտիկ դանակը պարտած ատեննին, բանակ մը թուրք կը փաթթեին իրենց առջին ու նոյն դանակով պոռնիկներու ծիծերը կը բզկտէին։ Ու անոնց համար գինին ու կինը, թուրքն ու չէրքէզը, դողութիւնն ու ողորմութիւնը նոյն արժէքը ունէին։ Տարբեր էին դարձեալ անոնց կիներն ու աղջիկները, որոնք շան պէս կ՚աշխատէին իրենց ծույլ ու խսման ամուսիններուն տեղ, բոպիկ, չարքաչ ու խնայող, բայց ոսկիներուն խաթարը, կերպասներուն մետաքսը ու մատանիներուն ադամանդը դիտէին վայլեցնել իրենց առատ, լայն, ամբողջովին հեշտանք ու խռովք մարմիններուն։ Որոնք չէին վախնար հայէն ու թուրքէն ու զարհուրելի էին, երբ կիրքէն ու բարկութենէն կատղած, մազերնին արձակ, ոտքերնին բոպիկ կռիւի կը մտնէին իրենց այրերուն մօտիկը ռէ իր ջոկատներուն դէմ ու կը բզկտէին իրենց ձեռքը ինկած պատասխանները։ Ու բոլոր մեղքերը։ Ու բոլոր յանդգնութիւնները։ Տարի չէր անցներ այդ ափ մը տուներէն, առանց աղջկան մը զոհ ին, խեղդամաչ կամ կամովին։ 

Սոդոմ-Գոմոր, ինչպէս վճռած էր Օվակենց Առաքելը, Օվակին Հայրը: - Իրականութիւն էր, որ առաջին տարին Օվակենց Օվակը ահաԼոր չափով մը զղջաց իր ընտրութեան համար։ Անիկա նեղուեցաւ իր շրջապատէն։ Սկիզբի օրերուն, խռովքով խառն զարմանքի մէջ, տեսաւ մարդեր, որոնք իրենց դուռնեղրի քարերուն վրայ ծալապատիկ՝ սիկառ կը ծխէին, հեշտալից ու փակաչք. ու իրարու կը հայհոյէին անուշ ժպիտով, երբ անդին, Աստըծոյ արեւը լման երկինքը ու լման երկիրը «Երկինք գետինք», ինչպէս կը սիրէր փսփսալ ինքը, կը բանար աշխատանքի ու անոր խորհուրդը կը կախէր կապուտ կամարէն։ Իրականութիւն էր, որ առանց արիւնի օր չէր անցներ այդ թաղին վրայէն։ Ու տունէ տուն, պատուհանէ պատուհան կիներուն, աղջիկներուն բերանէն մեղքն ու անէծքը, հայհոյութիւնն ու զրպարտութիւնը իրարու կը սրսկուէին, ժամուն դուռնէն, տաղաւար օրերու ցանցնուած վարդաջուրին նման, պարզ, արդար, բնական եղանակով մը։ Իրականութիւն էր, որ պզտիկները իրար կը վիրաւորէին 

20

ամէն տեսակ զէնքերով, մեծերը իրար կը ծեծէին իրենց ուժին սահմաններով։ Ու աղմուկն ու «գոռումն ու գոչումը», ինչպէս կըսէր Օվակենց Առաքելին Աստուածաշունչը, կը լեցնէին տուներն ու դուրսերը։ Անիկա անցուց իր պատուհաններուն կտաւէ, բայց հաստատուն, տան գործած վարագոյրներ, որոնք չափով մը պիտի խնայէին փողոցն ի վեր ու փողոցն ի վար վազող մեղքին առուակը ու անոր դժպհի արձագանգը։ Ու անիկա գլուխը երերցնելէն ու տառապանքով պարտաւորուեցաւ փոխել իր աւանակը, իր օճախին մտերիմ ու սիրական կենդանին, պապենական ու մեսիական օրհնէնքը վաստըկած գրաստը, որուն առակի կարգ անցած դանդաղութիւնը անիկա չէր նշմարած այնքան շատ տարիներէ ի վեր եւ որ հիմա անտանելի, «մեղք խոթող» կը դառնար իր յիմար հետաքրքրութիւններովը, յամեցումներովը ուրիշներու ախոռէն արտաբուրած հոտերուն դիմաց։ 

Ու մեղքի կը մտնար պատուական մարդը։

Իր կնիկը տարիներ փողոց չելաւ։ Անոր դուռին կուշտին չտեսան հողէ փուփուն (կրակարան), որուն վրայի կերակուրին հետ կիները կեփեն ասոր ու անոր միսերը։ Ու անոր չեմին վրայ տեղի չունեցան անխուսափելի ժողովները, որոնք սուրբի մը պատմութեամբը կը սկսին ու կը յանգին ամէնէն անպատիւ բամբասանքին։ 

Լերան կատո՛ւ, այս էր ամէնէն մեղմ վերադիրը, Օվակենց Հարսի հասցեին, թաղին կիներէն։

Սուտ մարգարէ, երբ քիչ մը տաքցած ըլլային ու բարկացած իրարու, իրենց անպակաս վէճերուն մէջ անպատճառ միջոցը գտնելով անոր անունը խառնելու, կամ երբ մէկը կռուողներուն թափը գրգռելու համար, կէս վախով, կէս հեգնական, արքայութիւնն ու դժոխքը յիշեցնէր ու ակնարկութիւն մը սահեցնէր վարագոյրներուն ետին «ճգնող» կնիկին։

Պոռնիկը, կ՚աւելցնէր ուրիշ մը, ճարահատ ու բարի, երբ բան չկենար մտքին մէջ ու կու տար անունը անոր տագրերուն, որոնք տարին երկու Հեղ, Ծնունդին ու Զատկին, կու գային իրենց «աղբարն ու Հարսը» տեսնելու։ 

Ու շէնք–շնորհք փողոց չելաւ մանաւանդ Թումաuիկը, կաչի մը ու ոսկոր մը այդ տղեկը, որ առաջին օրն իսկ ծեծ կերա թաղին լակոտներէն, Հաղորդուելու համար թաղին խորհուրդին։ Բայց անիկա չկրցաւ աղատիլ օտարամուտի իր մեղքերէն։ Այն ատեն թշնամացան։ Ծեծեցին զայն, նախ՝ հաւատարիմ մնալու համար իրենց բնազդներուն, որոնք արիւն ու կրակ կը փնտռէին ամէն ժամ, յետոյ՝ հաճելի ըլլալու համար մեծերուն, որոնց արհամարհանքը սանձարձակ կը պոռթկար ամէն տեղ, օճախին անկիւնէն, դռնամէջի բամբասանքներէն։ Կոտրեցին անոր բոլոր սափորները աղբիւրին առջին, անխնայ 

21

 

ու լիրը։ Բայց ծեծեցին զայն իր մազերուն ոսկեգոյն ու քաղցր փափկութեան, իր այտերուն տարբեր ու բարակ գոյնին ու մանաւանդ իր խռովիչ, անդիմադրելի աչքերուն համար։ Չունէին հաճոյք մը քաղցրօրէն դաժան, քան թաղուիլը արցունքին մէջ անոր կապուտակ աչքերուն:

Զայն պաշտպանեցին ո՛ւր որ կրցան թաղին բոլոր աղջիկները, մեծն ու պզտիկը։ Զայն փնտռեցին իրենց տունի խաղերուն ու փոքր պատուըտուքներուն համար։ Ու տան առաջներուն, բամբասանքի տաք պատերուն, երբ մայրերը կը տարուին իրենց նիւթին, անոնք սպրդեցան չբացուող դուռնէն ու բոլորեցին քվակենց հարսը, Թումասը իր սենեակին մէջ։ Անոնք գրեթէ լալու չափ կը տխրէին, երբ ձմեռնամուտներուն անիկա կծկտէր օճախին անկիւնը ու հաստհաստ հազար: Ու, նախանձեցան իրարմ է այդ անուշ ու խելոքիկ արարածը, որ սխալմամբ մանչ էր ծնած ու չէր կրնար արԺեցնել ատիկա։

Օվակենց Թումաuիկը ~ միշտ, մինչեւ մեռնիլը անիկա չեղաւ Թումաս մեծցաւ անարեւ ու խոնաւ տունին ներսը, մօրը ու անբաժան աղջիկներու շուքին մէջ։ Ու մեծցաւ անիկա միշտ ատանկ բարակ։ Դեռ դպրոցական, կարգելու համար գեղին մեծագոյն պատգամը, զայն նշանեցին դրացիի մը աղջկան։ Նո՜ր մտեր էր տասնին։ Ու պէտք եղաւ Նահապետին, Օվակենց արդար Առաքելին սրտմտած ու անիծակուռ միջամտութիւնը, կոտրելու համար ամբարիշտ քայլը, ~ Սոդոմ-Գոմորէն աղջիկ առնելու դաւաճան, անլուր արարքը։

Բայց անիկա աճելու տեղ փափկացաւ։ Ի՛նչ բարակ էին անոր սրունքները ու ի՞նչ քիչ, ի՞նչ նեղ՝ անոր կուրծքին վանդակը, որուն ոսկորները աղտոտ տգեղութիւն մը կը Հիւսէին լանջքի փոխարէն։ Մայրը չտարաւ զայն գեղին բաղնիքը՝ այդ խուժդուժ պատկերը ծածկելու համար աշխարհին աչքէն։ Բայց ի՞նչ անուշութիւն կար անոր այտերուն ափ մը միսին վրայ բաց, ոսկեգոյն, ամբողջ շնորհք ու նրբութիւն։ Ու անոր աչքերը, որոնք խոշոր թարթիչներուն չուքին մէջ նայելու ատեն կը վառէին ու կը հալէին։ Ձմեռներուն, ան, աւա՜ղ, կը հազար։ Ու փոքր ու խելօք, կուզիկ կռնակով, աւելի անուշ, քան մորթուելու տարուող գառնուկ մը՝ ան դպրոց գնաց։ Հո՛ն ալ ծեծեցին։

Օր մը տնտեսը շալկով տուն բերաւ զայն, աչքերը գոց ու ալելի դեղին, քան ամէնէն դեղնած դդումը։ Ատիկա պատահեցաւ գարնան սկիզբներուն։ Տասնըհինգ տարեկան էր ան։ Ըսին, թէ ինկած էր ու քիթէն ու բերնէն աղբիւրի պէս արիւնը վազած։ Ու պառ 

22

կեցաւ: Անցան գարնան ամիսները։ Անիկա՝ չերեւաց։ Ամրան տաքերուն՝ տեսան վերջապէս, կուզը լրացած, ուսերը ցայտուն, աւելի բարակ, ու դեղնած, այն դեղնութեամբ, որ նշանի պէս կ՚իյնայ տղոց երեսին ու զանոնք կը զատէ կանուխ սպանդին համար: Պուտ մը արիւն չկար անոր այտերուն։ Ցաւ չունէր անիկա։ Ու չէր հազար անիկա։ Բայց մազերուն դեղնութիւնը խոնաւ ու թրջուած փայլով մը կ՚ոսկիանար։ Բայց մազերուն ցայտքը եղել էր քաղցր ու բազմաբեղուն։ Ու անոր աչքերուն կապոյտին վրայ խաւ կը կապէր կարմիր դեղնութիւնը, տենդին յամառ բայց զաղփաղփուն շղարշը, որուն մէջ վարշամակուած պիտի մտնէր գերեզման։

Դրացիները, որոնք տարիներով տեւած էին իրենց արհամարհանքին ու ատելութեան մէջ, մեղմացան աղէտին հանդէպ ու մօտեցան դժբախտ կնիկին։ Թաղին համար գերագոյն զբաղումը ու մտահոգութիւնը եղաւ պզտիկին տենդը, զոր կտրելու համար իրենց գիտցածն ու չգիտցածը գտան ու բերին։ Ծխախոտի մաքսանենգ մը, իր դիւցազնական պայքարներուն մէջ իսկ, ժամանակ ճարեց, Ուշագի հեռաւոր դաշտերէն հրաշագործ արմատներ քաղելու, քրտինքին համար։ Ուրիշ աւելի մեղաւոր, մարդասպան մէկը, որ տասներկու տարի Օվակենց Օվակին անունը բերան չառաւ, առանց եօթը պորտին հայհոյելու, տէրտէրը կանչեց ու իր կողմէն, սպառնացող շեշտով մը, խաչահանգիստ ու աւետարան կարդալ տուաւ ու ինք ալ կեցաւ ընթերցումին, որպէսզի քահանան չկարենայ «լպրտել»: Նոյնիսկ մարդերուն ամէնէն անսիրտը, ամէնէն ոճրապարտը, Հայրապենց Հաճի Ստեփանը, քաղաքէն դեղեր բերաւ «երես երեսի» դրացիին տղուն համար։ Ու կիներուն ամէնէն հպարտն ու անօրէնը, Հաճիին մայրը, Հայրապենց Հաճի Խաթունը ամէն օր հանդիպեցաւ հեղ մը ու աղօթք ըրաւ Թումաuիկին համար, կրակ մարելով [4] ու չար աչքը անիծելու ատեն աշխարհք մը մեղք վաստակելով։ Ու անոնց անայց տունէն ներս շատցան մտնող ու ելլող ոտքերը։ Ու առաջ Հայրապենց Նազիկը գաղտնի ու զգուշաւոր խաղընկերն էր միայն Թումասին, հիմա անպակաս աղջիկը եղաւ անոնց տունին, մինչեւ հիւանդութեան վերջին շրջանը, երբ բժիշկները անունը դրին այդ «Աստըծոյ գիտնալիք բանն է» ըսուած ախտին։ 

* * *

Հայրապենց Նազի՛կը

Երբեմն բառերը անիմաստ են ու օտար՝ այն պատկերին, որուն նշանակը եղան։ Անոնք կմախքն իսկ չեն իրենց տաղաւարած խորհուրդին ու ողբերգութեան։ Ու մանաւանդ որքան քիչ կու գան անոնք՝ բացատրելու համար այն եղերական երեւոյթը, որ աղուոր աղջիկն է գեղերուն մէջ։ Ժուժկալ ու ճակատագրական, գեղացին պարտքի մը պէս կ՚առնէ իր անկողինը այն աղջիկը, զոր իր ծնողքը, ազգականները իրեն համար ընտրած են, առանց իր գիտնալուն։ Անիկա չանդրադառնար իսկ անոր երեսին, վասնզի գեղի աղջկան ընդհանուր տիպարը ոչինչ կ՚ըսէ աչքերուն։ Բայց երբ այդ միջինէն կը զատուի աղջիկ մը իր գոյնովը, մարմնովը, աչքերուն յանդգնութեամբը կամ կուրծքին շքեղ խռովքովը, այն ատեն անոր անունը կը պտըտի տղոց բերնին մէջ, կամաց, դողդոջուն, երազի մէջ ըսուած, փսփսուած բաներուն նման։ Ու ատով իսկ՝ անիկա ենթակայ կը դառնայ իրական ու հաւանական բոլոր փորձանքներուն։ Մեր օրե րուն՝ թուրքի վախ չկար թէեւ, բայց հին աւանդութեան մը պէս, այդ աղջիկներուն անունին հետ կը պտըտէր արիւնը, ոճիրը, խեն թութիւնը, ով գիտէ ինչքան հեռաւոր տրամների տեղաւորուած, բիւրեղացած՝ այդ յղացքին խորը։ Անոնց ճակատագի՜րը։ Աստուած թշնամուն չտայ։ 

Ու Հայրապենց Նազիկը մէկն էր անոնցմէ։

Բայց ամէնէն առաջ ընտանիքը

Այս պատմութենէն կէս դար առաջ կը սկսի անոր փառքը։ Ու անոր, այդ փայլին գործաւոր, գինով Հայրապետը, որ պզտիկ կռիւներով, սահմանակից արտերէն անամօթ գրառումներով, թուրքերուն հետ դանակի փորձերով հիմը դրաւ իր հարստութեան։ Գինով բայց վճռական, անիկա օգտագործեց բոլոր պատեհութիւնները։ Գեղը անըզգամ ոճիրներով չէ բեռնաւորած անոր յիշատակը։ Բայց կը ծանրանայ անոր աչքըլածութեան (նախանձախառն կծծութիւն), գիշակեր ու կողոպտիչ բնազդներուն, խղճահարութեան պակասին, թուրքերու հետ բարեկամութիւն կապելու գաղտնիքներուն վրայ։ Ինչ որ անուրանալի է, անոր գործունէութիւնն է, իր հինգ տղոցը. հետ, հասնելով ամեն տեղ, չոգնելով ոչ մէկ աշխատանքէ, ետ չկենալով ոչ մէկ արշաւէ, որմէ կամ աւազակներու հալածումին համար պահանջուած անձի ու ձիու, զէնքի զոհողութենէն։ Երբ անիկա չինեց այժմու տունը՝ արդէն յարգուած հարուստ մըն էր, բայց բարբարոս մը, ինչպէս կ՚ըսէին շուրջը գեղերը։ Ու անոր տղաքը, որոնք 

24

մշակեցին Հօրը առաքինութիւնները, որոնք առանձին, մեծակազմած բնակարաններ հիմնեցին ու եղան իրենց հացին ետեւէն։ Գիւղին բոլոր թաղերուն մէջ ցրուեցան անոնք ու իրենց հետ տարին իրենց հօրը օճախին բոլոր աւանդութիւնները։ Չենք զբաղիր անոնց կիներովը, որոնք չահեցան, պարտվեցին այրերուն կապուտն ու կողոպուտը, քրտինքն ու խելքը։ Մինչեւ Հաճի Ստեփանը, գերդաստանին գլուխէն անցան տաք ու պաղ։

Գինով Հայրապետին թոռը, Հաճի Ստեփանը ընտանիքին բերաւ ահարկու, խռովիչ ու մեծափառ համբաւ մը։ Անիկա փոխեց գերդաստանին բոլոր միջոցները: Ու ահա անիկա:

Պատմութիւն մը ամբողջ անոր երիտասարդութիւնը։ Անձնել ու զգլխիչ ըսուելու չափ աղուոր, անիկա ապրեցաւ մանաւանդ դրացի թուրք գեղերուն մէջ, ուր պատերազմով կոտորուած այրերուն պակասը փնտռել կու տար հուժկու, գեղեցիկ, քրիստոնեայ երիտասարդները։ Եթէ ուրիշներ անոնց դուռները կը մտնէին աշխատելու, յետոյ մտնելու համար իրենց խաթուններուն անկողինները, Հաճի Ստեփանը գիշերները իր առջեւ բաց կը գտնէր՝ դուռները, զանազան պատրուակներով։ Կիներ հետապնդելու այս արկածալից կեանքը անիկա իբր թէ կանոնաւորեց՝ իրեն գլխաւոր զբաղում ընտրելով ծխախոտի մաքսանենգութիւնը։ հայկական շարժումներէն առաջ, թուրք գիւղերու մէջ այր քաջ տղոցը գոյութիւնը հաճոյքով ու քաջալերութեամբ կը դիտուէր։

Անոր օրերը, այսպէս, կ՚անցնէին դուրսերը, ձիուն քամակին, հրացանը անպակաս ուսէն։ Ու անոր օրերը կանցնէին թուրքերուն տուները, խմելով կամ՝ խաղալով, կամ պոռնիկներ խաղցնելով։ Զօրաւոր ու շքեղ՝ անիկա խաղալիքն էր կիներուն։ Ու յաղթական էր միշտ այն կռիւներուն մէջ, որ օղիով կը սկսին, կնիկներու պարերով կը կնճռոտին, ու անոնց համբոյրովը նախճիր կը դառնան։ Այն ատեն տեսնել կ՚արժէր այդ ամետի տղան, որ միս–մինակը, իր դանակին կռնակովը բանակ մը թուրք կը հալածէր ու կը փախցնէր պոռնիկը։ Բայց տունի կնիկներ, թուրք ծերերու, պէյերու, հարուստներու հարեմին պակծու կնիկները կը սիրէին զինքը, որ մահը աչքն առած՝ գիշերը կէսին, կը մտնէր անոնց տուներէն ներս ու իր հզօր գրկին մէջ անոնց նրբացած մարմինները կը ծծէր ու կարիւնէր:

Կը յարգէին զայն, լիճին բոլոր գիւղերուն մէջ, մշակները, որոնց մաքսախոյս ծխախոտները կը գնէր անիկա, մզկիթին հրապարակը, ռեժի դէտերուն աչքին առաջ, դրամը կանխիկ վճարելով ապրանքին: Ու զմայլելի էր անոր ընդարձակ, «դաշտ» մը կուրծքը, ինչպէս կը սիրէին ըսել նրբին ու փոքրալանջ թրքուհիները, երբ կը 

25

մտնէին անոր բազուկներուն մէջ, որ դէպի կոնքը կը նեղնար ու անոր շքեղ հասակին կը դնէր լերան մը չափ ամրութիւն, ու ուժ, ու սրտոտութիւն։ Ու երբ, յիսուն–վաթսուն բեռ ծխախոտը առջին ձգած, ոսկեզօծ ու արծաթ ասպանդակներով իր ձիուն վրայ ուղղաբարձ՝ գունագեղ ու կիներու արցունքներով ողողուած քէֆիյէին [5] ծոպերը հովուն, ան կ՚անցնէր ապշաչար փողոցներէն, հայ թէ թուրք գետին կը թքնէին։ 

Թու, թու, թու, երեք անգամ՝, իրենց մարդկեղէն աչքերուն հնարաւոր չարիքը խնայելու համար կտրիճ, աննման ձիաւորին։

Իրականը այն էր, որ զառամ ամուսինով թուրք կնիկներ հոգի կուտային անոր աչքերուն, զորս կը լրտեսէին իրենց թաքստոցներուն ետեւէն։ Անոր հզօրագոյն հմայքը իր աչքերը եղան, որոնք ինկած տեղերնին կրակի պէս կը տաղէին։ Իրական էր, որ մէկէ աւելի կնիկներ իրենց քրիկները խղդեցին, ազատելու համար զայն դաւադրուած մահերէ ու անոր ձիուն պոչին փական, բռնկած՝ իր կիրքերէն։ Ու անոր սիրոյն, մանչու տարազով, լեռ ելաւ գայմագամին մէկ կնիկը։ Ան կառավարեց տարփանքի այս հեղեղը տաղանդով ու դիւցազնութեամբ։ Երբեք չսոնքաց։ Երբեք կնիկի անուն չտեսան իր բերնին մէջ։ Իր կատաղութիւններով, պոռնիկներու մօտ յաճախանքով, հրապարակներու մէջ իր զգուշաւորութեամբ՝ անիկա անցաւ գիրկէ գիրկ, գեղէ գեղ, քաղաքի քաղաք: Անիկա թուրք կիներ միայն ճանչցաւ։ Ու հեքիաթի հովով այս կեանքին վրայ անիկա աւելցուց ուրիշ աւելի ագաւոր հեքիաթ մը։ Ան իրենց գեղին էն հարուստ Հաճիին տղան սպաննեց ու առաւ անոր կնիկը։ Օր ցերեկով այս սպանութիւնը անկարելի եղաւ ապացուցանել։ Վկաները չտեսան իրենց աչ քիչ առաջ դաշունուած երիտասարդը, որ բառ չարձակած՝ մեռաւ երկու վայրկեանէն։ Անոր սարսափն ու հմայքը գործեցին փոխնիփոխ: Կառավարութիւնը կաչառեց, որ այդ օրերուն բարակ չէր քններ ու գիշերային բուժումներով, ահաբեկումով սպառնաց փանելենց Հաճի Մանիլին։ Ու վեց ամիս ետքը հաշտուեցաւ սպաննուածին ծնողքին հետ, առնելով անոնց տունէն եղերական հարսը, որ այրիութեան այդ կարճ շրջանին իր տագրերը իրարու դէմ՝ հանեց դանակով ու կացինով, իր ազգապիղծ մեղքին համար։ Անիկա իր տունը տարաւ, պսակէն առաջ, անպատմելի աղէտը, կնիկներուն ամէնէն գրաւիչը, ամէնէն կատաղին, ան՝ որուն համար ժողովուրդը 

26

պիտի ըսէր, Հաճի Ստեփանին բոլոր փառքին հակառակ, իր անանուն ու անգտանելի երգահաններուն բերնովը։ 

«Սիրեմ, Նազի՜կ, ընքուընիդ,

Օսկի գըրիչէն քաշած... »։ 

Սիրուելէ աւելի բան էր կախարդութիւնը, որ անոր յօնքերէն կու գար։ Անոնք անոր ճակտէն՝ խօսող ու շտկուած բերանի մը պէս, մշտական հրաւէր մը կը ներկայացնէին։ Այդ յօնքերուն յիշատակը մինչեւ այսօր չէ ելած գեղին պատկերներէն։ Բայց սիրուելէ շատ աւելի բան մըն էր ան, որ կը բխէր անոր աչքերէն։ Անոնք նայուածք չէին կրնար ըլլալ, այնքան մերկութիւն ու միս էին՝ հոգի ըլլալէ առաջ։ Ու այս խռովքը կու գար լրացնել իր երեսը, որ «նստիլ» չգիտցաւ, երգիկ բացատրութեամբը։ Խօսէր թէ կենար, նայէր թէ մըտքով բար, անոր այտերը ընդերկրեայ աշխատանք մը ունէին, կազմելու համար խենթացնող փոսիկը, որուն մէջ «խղդուեցան», դարձեալ երգին բառերովը, արեւները այնքան «ճահիլ»ներուն։ Անոր համար արիւն թափուեցաւ, երբ դեռ չկար տասն չորս տարեկան։ Չկարգուած՝ անոր համար երիտասարդ մը մեռցուց ինքզինքը, լերան մէջ, անոր անունը շրթունքին։ Ու ան իր էրկանը գլուխը կերաւ, հանդիպած ըլլալով օր մը Հայրապենց Հաճի Ստեփանին, գեղին շատ մօտիկ, աղբիւրի մը առջին, երբ աղցան կը մաքրէր, թեւերը չափէն աւելի սոթտած։ Ու հեքիաթ, ու հեքիաթ... ։ Աւելորդ է ծանրանալ։ Բայց այս ամբողջէն մարմին կը հագնի ամբոխին մտքին մէջ պատկերը ճակատագրական կնոջ, որուն կրունկին ոճիրն ու արիւնը կը պտըտին։ Որուն կոխած տեղը կրակ կամ՝ արցունք կը բուսնի։ Որ անիմանալի, անխուսափելի ողջակէզ մըն է։ Որ չի կրնար չխաբել, մահուան իսկ գնով։

Անիկա խղդուած գտան երկունքի անկողինին մէջ։ Ու ոչ ոք գիտցաւ, թէ որուն գործն էր վարձահատոյց հարուածը։ Գեղացին խորհեցաւ երկինքին ու թաղեց անոր մեռելը վայել, Հայրապենց պարսի մը վայել պերճանքով։ Եթէ պզտիկ շշուկներ սահեցան դուրս մեծ տունին թափանցիկ պատերէն, ու փսփսուքը ծայր տուաւ, ողջ ըլլայ Դայեկ Մէլէքը, անոնք թաղուեցան նոյն թեթեւութեամբ։ Ան՝ որ զաւակը առած էր, Մէլէքը պակառակ սովորութեան, որ թուլ-բերան կ՚ընէ ասպարէզին կիները կղպեց բերանը ու չվախցաւ երդումէն։ Գեղի տղաձգաններէն մեռելը այնքան շատ ու բնական էր, որ մոռցան «յերիւրանքը»։ Ու Ստեփանին մայրը կապեց իր լեզուն տարիներով, որպէսզի զսպէ անճառելի հրճուանքը, գրեթէ հեշտանքը, իր սրտին «պաղչտուքը», հրապարակով չպոռալու համար։ Ան՝ որ բռներ էր իր աղիճ հարսը տունին մատ մը տղուն, տասնը

27

հինգամեայ ծառային հետ ու ամբողջ տարի մը չէր մատնած, մեղքընալով անմեղ պատանիին, զոր չիչին անցուցած կեփէր իր տղան, եթէ իմանար։ Բայց կերած էր ինքզինքը, «մաղմաղ» կրակի վրայ տարի մը բռնած իր սիրտը, բայց որ չհանդուրժեց միւս անլուր նախատինքին էրկանը ծոցէն ելլել ու մտնե՞լ ծոցը տունին մէկ հիւրին։ Դէմի գեղերէն այդ աղուոր երիտասարդը լերան մէջ կորսուեցաւ ու ոչ ոք հարցուց զինքը։ 

Ու անոր աղջիկը, Հայրապենց Նազի՛կը։

Որ ժառանգեց մօրը անունը ու ըստ օրինի նաեւ անոր մեղքերը։ Պառաւը դեւի ծիծաղով, որ երեսին չի գար, բայց ակռաներուն մէջ կը բաբախէ, թաղեց անոր մայրը։ Գովքեր ալ ըսաւ դիակին վրայ ու գովեց անոր «օսկի» յօնքերը։ Բայց աշխատեցաւ ազատել անոր զաւակը։ Ու մեծցուց անիկա իժի այդ ձագուկը, անոր մէջ ատելով անհնարին ատելութեամբ մը, պոռնիկ անոր մայրը, նոյն ատեն իր արիւնը սիրելով անոր բարակուկ մարմինին վրայ։ Ու այս հակամարտ զգացումներուն ներքեւ, ան ակռաները սեղմեց՝ չխեղդելու համար իր մատներուն մէջ անոր պիտիտիկ վիզը։ Ու ան իր սիրտը քիչ, պզտիկ, չորցած գտաւ, անկէ առնելու համար անորակելի այն գորովանքը, որ մեծ մայրերէն կը ծորի, ու գրեթէ տեսանելի գոլի մը պէս կը պտըտի պզտիկ աղջիկներուն շուրջը, զանոնք պաշտպանելու համար աշխարհքին չարերէն։ Այսպիսով որբը, բոլորովին անոքը կը զատուի մեր առջեւ միւս, մեծ մօր մը չունչէն անցած մանուկներէն։

Ու անիկա իր հեղինակութիւնը, փառքը, նոյն ատեն սիրտը գործածեց պզտիկը դիեցնելու: Դրացիներուն հարսները, հեռու հարսները չսակարկեցին իրենց կաթը անոր թոռնիկին։ Ան վաթսունէն ետքը դժուարին մայրը եղաւ։ Իր շիտակութիւնը, որ համբաւ ունէր գեղին մէջ, ան արժեցուց այս անձկութեան օրերուն։ Չթոյլատրեց, որ օտարին կիները անցնին իր մեղաւոր շեմէն, նոյնիսկ բարիքի համար, վախնալով իր գազան տղէն, ու ձիւնին ու բուքին խանձարուրքը տարաւ անոնց ծիծերուն։ Իր միւս տղոցը ու աղջիկներուն զիջում ալ չըրաւ, անոնք, որ Հաճի Ստեփանին գայթակղութեանցը համար կտրած էին իրենց ոտքերը պապենական տունէն։

Ու աղջիկը կը մեծնար։ Ու քանի կը մեծնար, նոյն չափով կաճէր տառապանքը, որ պառաւին հոգին երկուքի կը բաժնէր սեւ, դժոխային, ոճրապարտ գաւիթի մը, ուր անոր մայրը ածխացած կուռքի մը պէս ամէն օր կ՚ընդունէր անէծքն ու հայհոյութիւնը կեանքէն ալ անդին։ Անոր հոգիին այդ մասը կը սեւաւորէր, իր ժահորին ուժգնութեամբը անոր հոգիին միւս մասը, ուր թոռնիկին գուրգուրանքը, պաշտամունքը կը ծաղկէր, աղուոր ու լուսոտ։ 

28

Պզտիկին մարմինը եղերական հաւատարմութեամբ մը կը հաւաքէր տարրերը այն կախարդութեան, որ մեռնողին քայլերուն հետեւեր էր իբր անոր ստուերը, իբր անոր գեղեցկութեան արտաքնացումը։ Ու քիչ-քիչ կրկնուեցան մեռնողին յատկանշական ու զարհուրելի գիծերը։ Շատ կանուխէն, վեցի դուռներուն, անիկա արդէն սրբազան մուշտակի մը պէս հագած էր նոյն դալուկ մորթը, որ միսէն դուրս բանով են չիներ ով գիտէ որ վհուկները, երբ անոր մոյնքին համար այդ հատած դեղինը ու կրակի պէս ճերմակ գոյնը իրենց մոգական գաւազանովը խառներ, չաղեր ու անցուցեր էին անոր ոսկորներուն։ Այդքան փոքր, անոր այտերուն վրայ միսը կարծես լեզու կ՚ելլէր ու մանչերուն ակռաները կը կանչէր կարմրելու համար։ Աւելի ետքը, քանի մը գոյն փոխելով, անոր մազերը մտան նոյն այն դեղինին մէջ, որ հիւսքերուն խորը կակուղ ու խելօք ծփանք մըն է մետաքսի, բայց քակուած պատերուն աչխարք մը խռովք կը ծորէ։ Ու մանաւանդ խենթացնող կամարը յօնքերուն, կարծես վհուկի մը պէս ոսկի դանակով փրցուած մեռնողէն ու հոս անցուած, նոյն սպաննող, «օսկի գրիչէն քաշած» յօնքերը, որ ճիշդ իրական կնիկ մըն է, մերկացած ու ինքզինքը ցոյցի դրած, աչքերուն վերեւ: Այս տպաւորութիւնը եղերապէս հարազատ էր մօր ու աղջկան համար։ Ու նալելու, խնդալու, պռկունքները շարժելու, ծամծմելու միեւնոյն ձեւերը, որոնք օդէն ու հովն, տղոց երեսէն ու այրերուն բերաններէն համբո՛յր կը կտրեն։ 

Նշանեցին անիկա, հօրը պնդումով, գեղին մէջ նոր բուսած քաջերէն մէկուն, Զաքարենց Զաքարին։ 

Զաքարենց Զաքա՜րը։ 

Ան՝ որ Հաճի Ստեփանին քով սկսաւ իր ասպարէզը, անոր ծխախոտի բեռներուն Հսկող ու առաջնորդ՝ Ողիմպոսի կիրճերէն Ուշագի դաշտերը իջնալու ատեն։ Հաճին երկու նայուած քով կրցած էր գնահատել այդ վայրագ, հուժկու, բռնած տեղը անպատճառ փետող երիտասարդը, որ որսի, գողութեան, մաքսանենգութեան բոլոր վտանգներուն դիմաց երեւան բերաւ ահաւոր կորով ու աննման սառնութիւն։ Աւելի՛ն. անսխալ հաշիւ, այսինքն՝ պէտքին առ ջեւ նահանջի զիջում, բան մը, որուն երբեք չկրցաւ վարժուիլ իր վարպետը։ Աւելի՛ն. անգթութիւն մը, որ զինքը խուլ ըրաւ մորթուելիք կնիկներու լաց ու կոծին, երբ ղրկուեցաւ պատուհասելու մատնիչ վրան մը լեռնաբնակ թիւրքմէններու։ Ու անոր այս ներքին կարծրութեան փոխարէն համեստ, բոլորովին պարզ արտաքին մը։ Չերեւալու, չհագուելու, չտպաւորելու վճռական կամք մը։ Ան մաքուր եղաւ, աղջկան մը պէս, բոլոր այն մեղքերուն մէջ, որոնք իր վարպետին կարաւանները կը հետապնդէին։ Զգոյշ ու արհամար

29

հոտ եղաւ պոռնիկներու դէմ։ Ու մերժեց դարձեալ ծուղակները տունի կիներուն, որոնք եթէ առաջին օրէն չատեցին զինքը, բայց բնազդով փնտռեցին անոր կրքոտ, կատաղի, անասունի վայրկեանները։ Ոչ մէկ գնով ոտք նետեց նշանածին տունէն ներս ու հարսնուկի պէս կը կարմրէր երբ նապաստակ [6] կ՚ըլար։ Ու անոնք իրարու չհպան մինչեւ պսակին օրը

Այս ժառանգութիւններով, այս մարմ ինով ու այսքան հեռու, գրեթէ չէզոք նշանածով մը Հայրապենց Նազիկը դիմաւորեց իր ճակատագիրը, հակառակ մեծ մօրը բոլոր զգուշութիւններուն։ Ճիշդ է, որ անոր հայրը, տեղի տալով իր մօրը թախանձանքներուն, աւելի չիտակը իր ոտքերը ազատ ունենալու համար չբերաւ նոր «պոռնիկ» մը, Հայրապենց օճախը աղարտելու (պառաւին ըմբռնումով Հարսները ընդունակ չէին ուրիշ բանի), բայց երբեք մտիկ չըրաւ անոր wիւս թելադրութիւնները։ Անիկա շարունակեց Ուշագի դաշտերէն աղուոր ու բարակ ձիաւորներ իր տունը թափել։ Գեղը կը թնդար, երբ այդ նրբակազմ ձիաւորները ձիերուն պսակազարդ թամ բին վրայ վարանոտ բայց գրաւիչ, կանցնէին մեծ փողոցէն ու կը մտնէին հսկայ տունէն ներս: Անոնց հետ կը խմէր ու կը պոռար մինչեւ լոյս։ Գեղացին չէր ուշացած իրականութիւնը սորվելու։ Ու աղտն ու մեղքը չէին սղմեր տանը բակին մէջ ու դուրս կը պոռթկային: Ի զուր իր մայրը կսկիծով ու արցունքով անոր ներկայացուց ընտանիքին անունը, օճախին պատիւը, աղջիկ տղու տէր ըլլալը, ու բողոքեց մանչու պէս հագուած այդ կնիկներուն անլուր գայթակղութեան դէմ։ Հաճի Ստեփան ոչ մէկը մտիկ ընող մարդը եղաւ գեղին մէջ։ Ու մօրմէն դուրս ոչ մէկուն պիտի ներէր նման համարձակութիւն մը։ Տէր Եղիան, իր տղայութեան ընկերը մէկ անգամ անոր յիշեցուց մեղքն ու վարձքը ու առաւ բերնին չափը։ Ալ ոչ մէկը կար այդ յանդըգնութիւնը փորձող։ փեսացուն, որ լաւ կը ճանչնար, աւելորդ սեպեց ատանկ ձեռնարկ մը։ Ու անսանձ, ու անվախ, ու անպատկառ, ու ահարկու, թմբուկը առջին, զուռնան առջին, գինով ու մոլեկան, ան պտըտեցաւ այս «մանչ»երուն հետ, գեղին փողոցներէն, պարելու, պոռալով, գլտորելով, խայտառակ, խենէշ բայց ցանկայարոյց։ 

Ու անոր աղջիկը կազմուեցաւ այս յուզումներուն, այս մեղքերուն, ու այս գուրգուրանքին անկարելի խառնուրդին մէջ։ Անոր մեծ մայրը գինարբուքի այս շուայտանքներէն դժուարաւ կ՚ազատէր անոր մանկունակ անմեղութիւնը, զայն ամէն գնով փախցնելով տունէն

30

ղրկելով Օվակենց հարսին, ու հարս Սողմէնին ու աւելի հեռու ազգականներու։ Բայց աղջիկը առիթը չփախցուց երբեք գողունի ու թափանցող աչք մը նետելու այս սեղաններուն։ Ու ախորժեցաւ անոնք բոլորող այդ «մանչ»երուն կակուղ ձեւերէն, որոնք իր կռնակին վրայ իրենց կաղապարները կը ճշդէին։ Ու պառաւին բացակայութեան, միշտ ալ թաքուն ու ախտաւոր ցնծութեամբ՝ ան հիացի՛կ, հետեւեցաւ անոնց պարերուն ու անոնց շարժումներուն ծածուկ խորհուրդին։ Անոնց մատները իր ափերուն մէջ չկրցան պահել իրենց փափկութիւնը: Անուշ էին անոնք աղջկան մը երեսներուն նման։ Ու անիկա տարուեցաւ, իր բնազդովը, թաքուն իմաստէն, որ անոնց չարժումները, միսերը, նայուածքը կը կառավարէր ու համակուեցաւ ատոնց այլապէս խռովիչ, զգլխիչ հոսումներէն: Ու տառապեցաւ անիկա իր սեփական սրտին ու անոնց սրտերուն հաշուոյն։ Ո՛վ էին այս տուներնին, տեղերնին ձգած ու հոս պարելու եկած կնիկները եւ Ու ինչո՞ւ մանչու պէս կը հագուէին։ Ան ոչ ոքի կը համարձակէր հարցնել անոնց մասին։ Բայց, գինովութեան գիշեր մը, հօրը պընդումովը, անոնց հետ պարելէ, պարելէ, թրթռալէ ետքը, երբ կը մտածէր կծկտած մեծ մօրը կուշտին, այնքան տարուեցաւ, որ խաբեց պառաւին քունն ու հսկողութիւնը ու ահաբեկ բայց հրուած, ան սողոսկեցաւ մինչեւ իր հօրը սենեակը, ուր գինովները դադրեր էին պոռալէ ու լոյսին մէջ տեսաւ այդ «մանչ»երը փաթթուած իր հօրը, իրենց ծիծերուն լիրբ կծիկները դրած անոր մարմինին: Հասկցաւ՝ բայց ահաւոր ու վճռական կորուստով մը։ Այդ գիշերուընէ անմեղ աղջիկը մեռած էր մէջը

Բայց մեղքը, բայց գիտութիւնը ոչինչ կը բերեն մեր տառապանքին իբր մեղմացում։ Հակառակը։ Այդ նոր զգայութիւնները կը խոշորնային, ենթարկուելով այն ներքին զսպումին, որ մեր մէջ գաղտնիքի մը կը հետեւի միշտ։ Ու չունէր մէկը սիրտը բանալու։ Կ՚ատէր այդ կիները, բայց կը հմայուէր թեթեւ ու փոքրիկ այն խորհուրդներէն, որ այդ օտարները կը կապէր հօրը ծունկերուն։ Ու կը տառապէր ու կ՚աղուորնար։ Ու հեռու էին իրմէ իր մեծ մայրը, իրենները:

Ու մեծցաւ անիկա գաղտնի բայց զգալի քամահրանքին տակ Հայրապենց մեծ գերդաստանին։ Անոր մօրը մեղքը իր ճակտին թառած չարագուշակ լոյսի մը պէս պտըտեցաւ անոր հետ։ Անոր հօրը մեղքը աղտի պատմուճանի մը պէս կը փաթթէր զինքը։ Ու մանաւանդ անոր մեղապարտ գեղեցկութիւնը, որ ոճրագործ բժժանքի մը պէս կառչած էր իր մարմինին, առնուազն երիտասարդ ու տարապարտ մահուան մը նախասահմանելով, դատապարտելով զինքը, աւանդութեան համեմատ

31

Ու լքուած իր Հօրմէն, որ ամիսներով դուրսը կ՚ապրէր, մոռնալով գեղն ու «Աստուածը», ինչպէս կըսէին, ու խոշտանգուած իր մեծ մօրմէն, որ չէր հրաժարած մղձաւանջէն ու մեռնողին վրէժը կը հետապնդէր իր վրայ: ու նախանձուած իր տարեկիցներէն, որոնք չէին ներեր իր գեղեցկութիւնը ու կ՚անիծէին իր յօնքերը ու իր հօրը գարշանքը անդադար իր գլխուն կը պարզէին, անիկա ընտանեցաւ առանձնութեան։ Այդ հսկայ, արձագանգող պատերէն ու առաստաղէն փսփսացող ու հեծկլտուն տունին մէջ ան ինքզինքը կը բանտէր գետնայարկի օճախով սենեակին խորը, ժամուն պէս մութ ու խըղդուկ։ Ու հոն կ՚երազէր հզօր, եղկ, լպրծուն պատկերներ, որոնք վերի սրահէն, սենեակէն կ՚իջնային անմիջապէս իր նայուածքին դաշտերուն ու կը փռէին մերկութիւններ ու ամօթներ։ Յետոյ, հոսկէ ու հոնկէ իր մտքին կառչած բառերու ծուէններով շինեց իր մօրը կենդանագիրը, մեծացնելով զինքը, ընելով հասուն ու կնի՛կ…: Այսպէս աճած ու խորհրդաւոր, այսքան կանուխէն տոգորուած մանաւանդ սեռին յաճախանքովը, անիկա երբեք չամչցաւ ինքնիրմէ, խաղալու համար իր ծիծերուն գրեթէ անգոյ գլխիկներուն հետ։ Ու տեսաւ, որ մօրը վրայ խորհելէ ետք անպատճառ կը խաղար իր մարմինին հետ։ Ասիկա պատճառ եղաւ, որ երկու մտապատկերները զիրար հրաւիրեն ամէն օր: Ան անծանօթ էր հեշտանքին, բայց մօրը մահուան գաղտնիքը զինքը կը ձգէր անասելի յուզումներու ծոցը: Ու չէր ամչնար։ Վախցաւ հարցնելէ անոր մահուանը վրայ։ Ինչ որ առած էր դուրսէն, շահագործեց հեքիաթին համար։ 

Մօրը մազերը, մօրը ընքուին, մօրը քալուածքը, ահա գլխաւոր պատկերները, որ կը լսէր ուրիշներէ, երբ անոնք խաղային մազերուն, յօնքերուն հետ։

Միակ տունը, ուր անիկա կը մտնար առանց վախի, առանց յուզումի, Օվակենց տունն էր։ Անիկա տեսաւ, որ տարբեր էր ան իրեն ծանօթ բոլոր տուներէն: Բամբասանքը չէր անցած անոր շեմէն։ Ուրկէ ներս անիկա գտաւ սրտագին ու տաք այն բխումը, հովը, որ մարդերը փնտռել կու տայ մարդերէն։ Ու անկէ ներս անիկա գտաւ միաքաղցր, պինդ, անորակելի զգացումը, որ մեր ձեռքը ուրիշինին մէջ դողդղալ կու տայ ու փոխոսդարձաբար, հոգ չէ թէ պզտիկ ըլլանք կամ ծիծ չունենանք տակաւին:

Ինչ լաւ եղան անոնք, Հայրապենց Նազիկը ու Օվակենց Թումաuիկը իրարու քովիկ։ Ինչ լաւ, պարզ, գորովոտ եղաւ ինքզինքը հազիւ զսպած կատաղի այդ աղջիկը՝ կակուղ բայց նոյնքան հասուն, թարի բայց նոյնքան թրթռուն ու կանխաբացօրէն գինով այդ տղուն հետո, երբ անիկա հիւանդ չէր տակաւին։ Ու ի՞նչ խորունկ, արցուն

- 32

քոտ, խենթ ու իրաւ եղան անոնք իրարու հետ, երբ անոր հիւանդութիւնը զինքը կապկպեց տունին օճախին։ Ու ի՞նչ եղերական, անորակելի ու տխուր եղան անոնք, երբ Թումասին հիւանդութիւնը օճախով սենեակէն յորդեցաւ ու փողո՜ց իջաւ։

Ու մանչուն տրտմութիւնը, ու դեղնութիւնը, ու քաղցրութիւնը աւելցան անոր ժառանգութիւններուն։ Ու քիչ-քիչ սկսաւ գիտակցիլ, Թէ ինչո՞ւ եղերական է այն զգացումը, որ այդքան մօտիկն էր թառեր ու այդքան հեռու կը մնար, եւ որուն երկու երեսներէն կեանքն ու մահը իրարու կը հոսին, որ այդքան կանուխէն դեղին կընէ տերեւը ու կարմիր՝ պտուղը, բայց զանոնք կը նետէ հողի՛ն։ Անիկա սիրեց այդ տղան, առանց ուզելուն, առանց գիտնալուն, քշուելով խորհրդաւոր, չգիտակցուած հակումներէ։ Երբեք չկարծեց, թէ կը մեղքնար (այդ գիտակցութիւնը ուշ պիտի խօսէր իր մէջ, երբ կը մերժէր անոր պաղատանքը, բայց չէր կրնար հեռանալ անկէ)։ Այդ «սուսիկ» տղան նախանձեցաւ անիկա թաղի բոլոր աղջիկներէն։ 8աւ ցընելու չափ խածաւ շրթները, երբ օր մը անիկա մինակ տեսաւ տասը տարեկան աղջկան մը հետ, որ ազգական ալ էր։ Անոր կիրքին այս յորդ հեղումներուն մէջ կ՚ապրէին անոր ժառանգութիւնները։ Տասը տարեկանին, արդէն անոնք իրար կը համբուրէին։ Տղան՝ անձկալից, հեւուն, պրկուած, թրթռալով, կարծես ընդզգածուած աճապարանքի մը մէջ, առնելու համար, այդքան կանուխէն, իր բաժինը աշխարհի հզօրագոյն համէն, որուն մօտիկէն պիտի անցնէին իր շրթունքները չոր, ճաթռտած ու անմուրատ։ Աղջիկը՝ երբեմն հանդարտ, աչքերը փակ, թոյլ ու երկար նուիրման մը մէջ, անէացած ու յիմար, երբեմն թրթռագին, սարսռած, գալարուտ, նախախայրիքը կարծես որոնելով ու բռնելով, բանտարկելով իր միսերուն, նեարդներուն ոսկի ցանցին մէջ այն եղերական, արիւնոտ, սպաննող գինովութենէն, որուն մէջ փաթթուած պիտի ապրէր իր մարմինը, իյնալէ, կարմիրնալէ առաջ։

Ու շարունակեցին այս համբոյրները, տարիներուն հետ անոնց խորութիւնը ու կսկծանքը աւելի փորելով, լեղուըցնելով, ու անոնց մէ հոսած սարսուռը աւելի հոծելով։ Շարունակեցին տղուն գոյնը ընել աւելի հատած, բայց աւելի փափուկ, անոր մարմինը՝ աւելի ա զազուն բայց գլուխը աւելի տպաւորիչ։ Թող աղուորնայ անիկա, կարծես գտնելով իր տասնըհինգ տարիներուն մէջ այն լիութիւնը, համը, զոր ուրիշներ կը ճարեն 25 տարիէն ու տարիքէն առաջ անոր մէջ զարգացուցին դժբախտ բայց սուր, վիրաւոր բայց անհուն զգայնութիւն մը մահուան գրուած տղու անորակելի խորք մը, որ դուրսին բացուելու անկարող է իր ներքին ջերմութեան համար սպառէ 

33

կեանքին բոլոր տուրքերը, օդէն, բառէն, աղօթքէն ու համբոյրէն, միսէն ու արցունքէն փնտռէ, իւրացնէ անոնց ողբերգութիւնը միայն։ Ու դրէք աղջկան ռունգերուն շուրջը բուրում է, թեւաւոր ու գրգռող այդ անտես բայց հզօրապէս իրական կեանքին, հոտերու կեանքին բազմաբեղուն դաշտը, որուն կեդրոնին կամար կը նետեն իր մօրը սեղաններուն, ղայն բոլորող իդութիւններուն ծխումները, ու ծորումները Թումաuիկի ջախջախուած արութեան։ Արձակեցին անոր այտերուն ու բերնին վրայ այն գաղտնի խռովքները, որոնք պահ դրուած հոսանքներու կը նմանին։ Որոնց գոյութիւնը զգալի կ՚ընեն բացէն թռչող ուրիշ հոսումներ. անոնք, որոնք աշխարհներու ծայրերէն երկու հոգիները իրարու կը սահմանեն ու իրարու կը քաշեն։ 

Ու այն անասելի ու հանգչած զօրութիւնները, որոնք աղջիկներուն միսերուն ներքեւ, կիրքին անիմանալի մատներովը լարուած զսպանակներու նման, կը թաղուին անոնց անդրադոյն օրերէն, կը սպառին ու օրին մէկը անդիմադրելի մղումով կարթննան, միջոցները կակօսեն ու կը դղրդեն մեր կազմը, կը բիւրապատկեն մեր զգայարանքներուն տարողութիւնը առնելու, տալու համար այն կայծակները, որ կը խորովեն։ Ու դրէք մէկուն մայրը՝ սուզուած՝ իր ցաւերուն, երկիւղած կնիկի վախերուն ու հնհնուքներուն, զոհուող դրացիի իր բարեպաշտ պարկեշտութեանը խորը, աղօթքով ու պահքով: մեղմելու համար Ամենակալին զայրոյթը թաղին այս յորդազեղ աղտերուն դիմաց, «չտեսնելու» մեղքերուն «մարդկային» զեռումը, ու աստուածօրէն «բարի նայելու» իրենց, բոլոր «Հում կաթ ծծող» էակներուն վրայ, ու ամէնէն վերջը պահանջելու համար Անոր «թեւն ու թիկունքը», «շունչն ու շնորհքը», ողորմութի՛ւնը իր մէկ հատիկին վրայ, որ իր արգանդը չորցուց, աշխարհ գալու համար։ Ու միւսին մեծ մայրը՝ ճակատագրին դէմ դառնացած, իր տղուն ամօթովը մաղաղկուն բայց խրոխտ, թիզ մը տեղ չզիջելով բամբասանքին, հայհոյութեան, բռնակալութեան իր պարտէզէն։ Որ մտադրած ըլլայ մինակը գեղին ամբողջ լեզուն կապելու, խղունջի տոպրակ մը կապելու պէս ու կատղի, փրփրի, ծեծէ, երբ իր տղուն մեղքերը թիով նետուին իր վրայ։ Որ իր երկար կեանքին, երկար բայց մարդկային, բնական տառապանքները բացատրելու խելք ու տեղ չունենայ: Ատէ աշխարհը, իր տղաքն ու աղջիկները, առաջինները՝ իրենց կիներուն, երկրորդները՝ իրենց էրիկներուն համար ու օրուան լայն մասը չափէ թաղէ թաղ, անիծելով, կոտրելով, թափելով մարդերը, ինչպէս համբաւները, փառքերը, ինչպէս կեղծիքները ու դառնայ իր տունը, «փըրշակ» [7] մնալիք իր բնակարանը ու թափէ իր բարկութիւնը «պոռ

34

նիկին ծնունդին» վրայ. ծեծէ ու համբուրէ, բայց առտուն կանուխ մոռնայ զայն, իր տագնապներուն ձայնովը, դրդումովը թափառական։ Ու թող առաջինը այդ երկու կիներէն՝ իր զգայարանքներուն բոլոր տուրքերը եւ յուզումները զտէ, թորէ ու այդ իսկութիւնը իր մանչուն վրայ պայթեցնէ, աննուաճ ճառագայթումով ու մտնէ անոր մսին, չունչին, շուքին մէջ, անոր համրուած օրերուն մռայլ, արիւնոտ զարկին մէջ։ Ու մոռնայ, ուրանայ ամէն ուրիշ բան։ Ու ներէ իր տղուն, միամիտ ու գրաւուած, երբ անիկա իր աչքին առջեւ գիրկը առնէ Նազիկը՝ քրոջ ու աղբօր աղապատանք մը տեսնէ իր կարճ խելքովը, այս փաթթըուքներուն մէջ ու խենթանայ այդ աղջկան վրայ, զայն սիրէ անբացատրելի սիրով մը, իբր իր զաւակը, իր հարսը, լեռնականի, մենաւորի այն սիրով, որ համբաւի տարած է Ձորակի թաղին կեսուրները, իր ուժգնութեամբը, բրտութեամբը, դիմացկունութեամբը։ (Հոն է, որ գեղացիները անուն կու տան: Եղած են պառաւներ, որոնք իրենց հարսին պատիւը պաշտպանելու համար չեն վարանած մեռնելէ)։ Ու թող երկրորդը, աշխարհէն քէնոտ, ամէնուն հետ առնուազն անէծքով խօսող պառաւը թոյլ ըլլայ այդ «զարնուած» տղեկին հանդէպ, որուն արիւնը օր օրի կը չոգիանայ երեսէն ու փտած կաչիի կը փոխուի։ Որուն հասակը ելլելու տեղ կիջնայ ու ծերի մը պէս լուրջ ու կորաքամակ ու փայտով կանցնի բացուածքէ բացուածք։ Սիրէ՜ իրեն անծանօթ այդ զգացո՛ւմը այդ խրտուիլակը, առնէ իրենց տունը, ժամերով խօսի հետը ու մեղքնայ անոր…։ Ու միւս կողմէն, իր ու իր տղուն մեղքերովը խթանուած ու մրրկած, տարիներուն հետ հաշտուելով քիչ-քիչ մեռնելու միտքին, զարհուրած երկինքէն, ինքզինքը հարկադրէ մեղմ, սիրաւէտ, բարի բլալու, ու քսանէ աւելի թոռներուն խումբէն անջատէ Նազիկը։ Չցանկայ իր տղոց ու աղջիկներուն յարգուած, պատկառելի տուներուն, ուր այնքան տարբեր է կեանքը, ու գայ փէշերը տարածէ ոճիրներու այս գարշելի բոյնին վրայ: Ու գրեթէ ամէն օր, գոնէ անգամ մը բռնադատուի իր խղճմտանքէն, լիակատար ապրելու զարհուրելի տեսարանը, որուն կեդրոնը երկունքի անկողին մը գրաւէ եւ որուն սնարին՝ աշնան գիշերով, Դայեկ Մելիքին ներկայութեանը, իր տղան, աւելի անխիղճ, քան ժամու պատին ահարկու հրեշտակը, հոգէառ Գաբրիէլը, իր տղա՛ն մէկ ծունկը դնէ կնոջը փորին, ու հանդարտ, ու հաշուըւած, ու անողորմ՝ թաշկինակ մը թխմէ անոր կոկորդը… ու խղդէ զայն բարձով մը՝ նստելով անոր աննման, անոր «օսկի գրիչէն» ելած երեսին վրայ... ։ Ու ինք՝ պառա՛ւը, հազիւ ազատէ անոր վայրագ ձեռքերէն նորածինը, որուն մեղքը աղջիկ ծնիլն էր միայ…: Ու միւս մեղքերը։ Գիշերը կիսուն, այլանդակ տարա

35

զով տուն մտցուած կնիկները։ Ու դաւադրութիւնները, որոնք հողէ այդ սենեակին լռութեան մէջ մարմնացան ու յորդեցուցին ծանրու թիւնը անոր խղճահարութեանց։ Ան տառապի մանաւանդ իր բաժինովը, պոռնիկին մահուան մէջ իր մեղսակցութեամբ։ Ու պտըտցուցէք այս ահաւոր գաղտնիքը իր՝ Հաճի Խաթունի, մեծ ու պատկառելի կնիկի, լեզուանի ու ամէն բան ճակատին ըսող պառաւի բորբոքուն հոգիին մէջ։ Թող ամէն կոչնակի մտադրէ ժամ վազել ու մեղքը բանալ, բայց կապկպուի իր ոտներուն վրայ։ Վախնայ տէրտէրէն, բայց չփախցնէ հոգեվարքները, սորվելու համար հոգին յանձնելու դըժւա՜ր գիտութիւնը։ Ու վռնտուի դուրսէն ու ներսէն, դաշտէն ու տունէն։ Նայի թոռնիկին, որուն ամէն մէկ հիւսուածքին մէջ անոր մայրը ճանչնայ, ու ամէն քմայքներուն մէջ Հօրը յիմարութիւնը ենթադրէ։ Որ ժամերով, մոլորաքայլ պտըտի, թափառի գերեզմանին մէջ, ինքզինքը վարժեցնելու համար իր փոսին ու փախչի գրեթէ խելագար՝ մահուան տունէն, իր ծոծրակը բռնելով ամուր, պաշտպանելու համար զայն մղձաւանջին ատամներէն: Ու չմոռնայ, չկրնայ մոռնալ վարի դժոխքը։ Ու չկրնայ խղդել սրտին դժոխքը։ 

Այն ատեն հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչպէս գիւղական բարքերու անգութ հսկողութիւնը անզօր մնաց, կամ շեղեցաւ իր նպատակէն, ու այս երկու տղաքը իրարու գիրկ նետեց։

Մանկութենէն պատրաստուած իրարու համար, անոնք մտան արբունքի խռովքներուն մէջ բացառիկ ջիղերով։ Տասներկուքին, աղջիկը կին էր արդէն. այսինքն՝ գիտէր, թէ իր շրթունքները ինչ կու տային ու գիտէր այդ տղուն լեզուէն իր առածները, որ մռայլ ու արիւնոտ խորութիւններէ կը մզուէին իր մէջ։ Ու անոնք եղան օրերով տխուր, չգիտնալով ինչուն, բայց տխուր իրենց միսերուն անյագ մորմոքովը։ Անոնք իրար կը խածնէին, կը ցաւցնէին ու չէին յոգներ։ Իրարմէ զատուելու վայրկեանը մահուան պէս բան մըն էր: Ու կը զայրանային օրուան դէմ, որ լոյսովը զիրենք ամէնուն կը ցուցադրէր, գիշերուան դէմ, որ զանոնք իրենց տուները կը նետէր

Ու, եղան անոնք արցունքոտ, սեւ ու անձկալից։

Դարձեալ անոնց տրուեցան ուրիշ գինովութիւններ, գրեթէ ամբողջական օրերու գիրկընդխառնում մը, դաշտային բերքերու հաւաքման եղանակներուն, երբ տուները կը ձգէին միայն անդամալոյծներուն ու կոյրերուն ու մնացեալը կը թափի դաշտ։ Այն ատեն անոնք կը նմանէին զանգակները, որոնք թրթռային անընդհատ։ Ու յուզո՜ւմը, որ կը բխէր առատ, բարի, անձրեւի մը պէս զովացնելով այդ մատաղ բռնկումները անոնց մարմիններուն: Ու ընթացիկ կեանքը, ու գեղին տօները, ու ծնունդներն ու մեռելները անոնց համար 

- 36

 

եկան ու գացին։ Անոնք մարդերու հեղեղին մէջ առանձնացած մարմիններ էին։

Ու լացին։ Վասնզի սորված էին քիչ-քիչ կեանքին գիտութիւնը։ Ու ողբերգական այդ խելամտո՛ւմը պատանիներուն, խենթ, վայ րագ, որ սուրի պէս կը մխուի անոնց գիտակցութենէն ներս։ Մեր կեանքին էն դժբախտ օրն է ան, երբ մենք կը հասկնանք սէրը։ Երը, մինչեւ այդ ատեն մեզի համար անորոշ եղելութիւն մը յանկարծ կը ճշդուի, կը պայծառանայ ու իր մերկութեան անգութ ուժովը մեզ կը նուաճէ։ Ո՛չ գիրքերը, ո՛չ ծնողքը, ոչ ալ տէրտէրը դեր ունին այդ գիտակցութեան մէջ։ Կը քալես, քու ճամբադ, սովորական պարտէզներուն մէջէն ու ահա ետ կը կենաս։ Ձայն մըն է, որ կը բռնէ քեզ։ զոր լսեր ես շատ անգամներ, բայց այդ պահուն միայն անիկա կը դեպի քու ներքին ջուրերուդ։ Ու կը դողդղաս։ Ձայնը քեզի կ՛ըսէ ահաւոր գիտութիւնը։ Կը ճանչնաս երգին նիւթը, ողջ կամ՝ թաղուած այն կնիկներն ու աղջիկները, որոնք խօսեցուցին կիները քեզմէ գաղտնի ու լռեցուցին, երբ դուն մօտեցար։ Ու ալ չհարցուցիր։ Ու ահա վարագոյրը կը պատռի։ Կը տեսնաս ու ոտքերդ կը գամուին։ Վասնզի գեղը իր ոճիրները, «էրող ու մրկող» սէրերը, սրտառուչ ու խորունկ խորհուրդով տրոփուն ինքնասպանութիւնները պատմելու համար երբեմն կը գտնէ վայրագ, նիւթէն գերազանց գեղեցկութիւն ու բանաստեղծութիւն։ Գեղացին իր կեանքը յուզող, դղրդող տրամները կ՚անցընէ իր երգերուն մէջ ու կը յանձնէ զանոնք հովերուն։ Չկայ եղերական դրուագ մը, ուր իրերու բնական կարգէն չեղում մը արիւն ու մահ չտեղայ։ Որ անանուն աշուղի մը համատրոփ խըղճմըտանքը չխթանէ ու զայն չմղէ անոր «գովքը» հիւսելու ու չհասնի գեղին միջին կարեկցութեան, ու չսաւառնի գեղին վերեւ, փոխադրելով ամէնուն հոգիին տեսողութեան՝ սահմանափակ ցաւը, օրինակի մը պէս կախելով զայն մեղքերով ու կիրքերով ու ցոփութեամբ յղփացած տուներուն վերեւէն։ Աւելի՛ն. երաժշտութիւնը։ Պարզ, խորունկ, գրեթե ողջ, որ կը պտըտի երկինքն ու գետինը, խոնարհ հիւղակի մը լուսամուտէն թեւ կը բանայ կամ մռայլ պարտէզներուն խորը կը բաբախէ, անհուն, ողբերգական սրտի մը պէս, որ չերեւաց, բայց լեցնէ։ Որ ըլլայ աւելի աղուոր, քան մարմինը մեռնող աղջկան ու համբուրէ աւելի խորունկ, քան շրթունքները, որոնք հողը կափուցած է ալ։ Ան՝ որ բառերը շօշափելի կրակի մը ժապաւէնին վրայ կարծես կը հիւսէ, կը շաղակրատէ, կայրէ անոնց հասարակ տարրերը, կը զտէ անոնց օտարոտի ու այլամերժ թելադրանքները ու կը լուսաւորէ ամբողջ քերթուածը, ըլլալով թեթեւ, աղջկան ոտքերուն նմանելու համար, երբ անիկա դէպի մեղքին պարտէզը կամ անկո

37

ղինը կը վազէ. ըլլալով ծանր, մանրաքայլ, երբ անիկա իր մեղքը շալկած Գողգոթան կը չուլլուի ու իր օրն ու արեւը կը խաչէ։ Ինչ որ վանկը, բառը չի տար, չի կրնար տալ, ձայնը կ՚ամբողջացնէ, նետելով անոնց վրայ մեր սրտերուն այդ անտեսանելի արիւնը, որ չի վրիպիր, կը ճամբորդէ հեռուներէն ու կը զգլխէ, կը խենթացնէ, կը սպաննէ մեզ նոյնիսկ երբեմն։ Ու այդ խռովիչ պատկերները, այդ անուշ բայց մահացու մեղքերը, ձայնին այլապէս կախարդ, այլապէս անդիմադրելի շղարշովը թեւաւոր, աղուորցած, թրթռագին ճամբայ կը գտնեն մինչեւ հեռանկեալ աչքերը պատանի սրտերուն: Ու չկայ տղեկ մը, տասնէն քիչ մը վեր, մանչ. թէ աղջիկ, որ չհասկնայ, թէ ի՛նչ ահաւոր, անպատմելի խորհուրդ ու արիւն ու բռնկում կայ սա զոյգ մը տողին մէջ։ 

«Սիրեմ, Նազի՜կ, ընքուընիդ

Օսկի գըրիչէն քաշած... »։

երբ այս պատկերը թափանցէ անկէ ներս։ Ու չծանօթանայ դարձեալ ուրիշներու, անոնց, որոնց մեղքին նկարը կը հագնի ժողովրդային զգեստ, տեղի մը, անունի մը, յիշատակի մը, դրուագի մը հետ միս ու մարմին կը դառնայ ու կ՚իջնէ իբր ողջ, իբր առջիդ կատարուող պատարագ հոգիներուն սրբարանէն ներս, լուռ, լուրջ, յուղկաւոր շուքերուն կախարդ քայլերովը

Ճնճուղն է ինկեր, ճիտը չըւանին,

Կըտցունքն է արուն, գըլխիկը տակով։

Բուբուլն է մեռեր, ճիտը սայվանին

Աչուըները բաց. պըտուկը ծակով... »

ու սրտառուչ ու անհասանելի ողբերգութիւնները բոլոր ծակ–պտուկներուն, որոնք գեղին վրայ կը փրթին հարսանիքի եղանակներուն, հսկայ ալիքի մը պէս կ՚ողողեն բոլոր խղճմտանքները, աղջիկները ընելով լուռ, մռայլ ու չմորած, այրերը ընելով կատաղի, անգութ ու մոլեգնած, մայրերը փուռ մը կրակի մէջ կը նետեն ու հայրերը մինչեւ ոճիր կը տանին։ Գեղը կը յիշէ այդ հայրերէն, որոնք իրենց դրան չեմին վրայ իրենց աղջիկները պառկեցուցին ու մորթեցին։ 

Ու սորվեցա՛ն անոնք։ Ու քանի սորվեցան, այնքան իրենց շրթունքները քաղցրացան իրարու վրայ։ Բայց տարօրինակ էր, որ յաճախ վրայի վրայ փակուող այդ շրթներուն պատկերը անոնք նմանցնէին դագաղի կափարիչներուն։ Ու տարօրինակ էր, որ միսե րուն կակուղ կծիկներէն արթննար, անդիմադրելի ու անողոք, մա'հը: Ան հետերնին էր միշտ, երբեմն բակէն, սայվանէն ճօճող չուանի մը պաղ օշացումովը։ Երբեմն, ապառաժներէ վար երկարատեւ ու զար

38

Հուրագին վիժումով մը։ Երբեմն, ճիտին մեծ քարով մը, խորը լճակին։ Ու դժնդակը այն էր, որ յաճախ մօտիկէն կը ճանչնային քերթւածին երգած զոհերը։ Ու դժնդակը այն էր, որ անոնց պատահած էր երթալ սպանդի կայանները, շատերու հետ, քով քովի համբաւով քարերը, ճուլպանտ (աղցան մը) փետելու, ու քարեր գլտորելու անդունդին մէջ, որ կը պղտորուէր ու պատռող վարագոյրի մը նման տեղի կու տար ու կը դառնար իր անթափանց խորհուրդին։ Ու իրենց մտքովը քարերը կը փոխանակէին աղջիկներուն մարմիններովը, մատղաշ ու առանց քողի, որոնք պսակին չմօտեցան, քանի որ միւսները՝ քողովները, ծոցի գիշերին փողոց դրուածները կը նախընտրէին լիճը, ծանօթ իր ճամբովը ու նուազ ահարկու, Ուռիով Քարը, որուն տակ լիճը փորած է իր յորձանուտ անդունդներէն մէկը։ Ու անասելի վախ էր տղոցը մտքին մէջ պատկերը բոլոր ծակ-ստուկներուն։ Մահը մահէն կը վախնայ երբեմն, կ՚ըսէ ժողովուրդը ու կը խորհի գուցէ այս դրուագներուն։ Աղջիկը օր մը քաջ եղաւ, սիրելու չափ լճակի մահը։ Ան մտիկ էր ըրած հինաւուրց պատմութիւն մը, որուն մէջ նոր հարսը ելած էր առանց դողալու կատարը Ուռիով Քարին ու իր մեղքը փաթթած հարսանեկան քողին մէջ՝ անդունդ էր մտած։ Դրուագը ունէր լուսնկայ, ամառ, Աստուածածնայ գիշեր մը, երբ հեռաւոր այգիներուն մէջ տղաքը սիրերգ մը կու լային։ Ու դեռ ինչե՜ր, ինչե՜ր։ - Բայց եղերական էր զգացումը։ Պարապ տեղը չէ, որ անոր ա նուն են տուած «մահուան չափ ուժով»։ Ու տակաւին տկար իսկ է այս բացատրութիւնը։ Երգը կը յիշէ պարագաներ, որոնք դուրս են մարդոց խելքին սահմաններէն։ Գիշերուան մը գնով մեռնողնե՞րը։ Այնքան նոր է Հիներուն ցուցմունքը այդ ուղղութեամբ։ Ու անոնք, որոնք սիրուածի մը համար կրակ կուլ տուին։ Ու անոնք, որոնք Է րենց սիրածներուն ծիծերը կերան ու յետոյ զիրենք։

Բայց եղերական է զգացումը։ Մանաւանդ անոնց համար, ո րոնց օրերը կարճ են կտրուած։ Կամ՝ որոնց կուրծքին տակ թաղ ւածը ուրիշ է խմորով։ Որ պիտի պատռէ կողերուն վանդակը, ակօս—ակօս, ու պիտի վազէ անմար բոցին նման ու պիտի վառէ մարմինը «ղերեզմանէն ալ ետքը»։ 

* * *

Ու տարբեր, տարբե՞ր է առաւօտը։ 

Ո՞վ է ան, որ կը շշնջայ Թումասին, թէ վերջին անգամն է, որ իր ծունկերը կրցան բարձրանալ այդ սանդուխներէն։ Ո՞վ կըսէ անոր, թէ այս սենեակին առանձնութիւնը գուցէ վերջին անգամն է, որ 

39

կը տրուի իրեն։ Ինչո՞ւ ան ինքզինքը կը քննէ կուրծքին խորունկէն։ Ու ինչո՞ւ աղջիկը, ափը անոր ճակատին, կը տեսնէ ու չի տեսներ, թէ ինչքան է մնացած անուշ այդ տղայէն։ Ու ատ՝ մինչեւ ե՞րբ:

Անիկա չի հաւատար գեղին վճիռին։ Որոչուած ամիսը անցած է շատոնց։ Ու յետոյ, անակնկալ լոյսի մը մէջ կը տեսնէ ինչ որ չէր ուզած։ Ու կը զգայ, թէ ինչ ունի իր քով։

Ու տղան բացած է բազուկները, վսեմ ու կոյր, անոնց մէջը առնելու համար Հայրապենց Նազիկը, ան՝ որ մօրը պէս «օսկի» յօնքեր ունի ու անոր նման եփ ելած մարմին մը։

Ու ծանր ու տխուր է առաւօտը: Հովը, որ կու գայ պատուհանէն մատղաշ է ու թաց, ու կը դպի տղուն արցունքի մը պէս։ Ու անակնկալ ու ծանր թախիծ է նորէն, հեռուները, բլուրներուն նըստըւածքէն ու անոնց երեսին դեղնող արտերէն: Ու անոնց կատարին՝ անսովոր է ծառերուն գլխիվայր սուզումը մեծ կապոյտին մէջ։ Ու կլոր ու դեղին ճամբաներուն վրայ չուները կարծես դագաղ կը տանին։ Ինչո՞ւ այսպէս է առաւօտը

Մէկէն զանգա'կը։ Մեռելի զանգակը։

Ու ձայնէն՝ կը սթափի ըսելդ կու գայ, մեռնող նոր Հարսը

Նազիկին առջեւ, մեռած չես գիտեր ինչու եւ ինչ ցաւով։ Տարուան 

մը Հարս, ու հիմա՝ մեռել։ Նազիկը լաւ կը ճանչնայ այդ հարակուկ 

աղջիկը, որ իրեն բաներ էր պատմած։ Ան ազգական ալ կ՚իյնալ, իր մօրը կողմէն։ Ան ալ ունէր Թումասին պէս հազ, բայց չհալեցաւ ասանկ (ու կը նայի տղուն՝ լարուած ու բարի)։ Ու զանգակին ամէն մէկ կանչին հետ օղակ–օղակ կը մտնէ մահը իր ճիւաղի մարմինը հաւաքելով, ինչպես է պատմութիւնը հեքիաթի մը մէջ։ Ու զանգակին ամէն մէկ զարկին հետ տղոց միսերը փուչ–փուչ կը կենան ու կը նստին իրենց ոսկորներուն վրայ։ Ու կը մսին երկու պատանիները:

Մեղք եղաւ Կարմիրենց հարսին։ 

Ըսողը Թումասն է։ Ու չի կրնար մտածել, թե որքան սրտառուչ է այս կարեկցութիւնը իր շրթներուն վրայ: Ու չի գիտեր, թէ գեղը, թաղը, պառաւները, գուցէ նաեւ մայրը վճռած են Թումասին ալ մահը: Թէ տերեւաթափը վերջ չգտած, ու ալանկի (Հրապարակ) մեծ թթենիէն վերջին տերեւները չինկած, զինքն ալ հողին պիտի տան, ինչպէս կը հաւատայ գեղին անսխալ գիտութիւնը։ 

Ու տենդավառ պարմանի թարմ ու աննուաճ, ու կոկոնի մը հոգիին պէս նուրբ ու անարատ գորովը, որ պուտ–պուտ, զանգակի ամէն մէկ զանգիւնին հետ կը բարձրանայ անորէն անայց, էն հեռաւոր ու մութ ալքերէն: Որ անոր մարմինը ծակոտկէն ու հոսուն բանի մը կը վերածէ ու միասին ամէն մէկ կէտին վրայ մուրացող շըր

40

թո՛ւնքի մը պէս կը բաբախէ։ Ու երիտասարդ, ախտաւոր, ժառանգօրէն ճակատագրուած աղջկան ամէն մէկ ծալքերէն կը բխի զգլխանքը, կը բխի հոսումը, այնքան կարօտով, տենդով սպասուած հեշտութիւնը, որ կը ծաւալի մեր շուրջը, իսկութիւնը, որ կը վաղէ բայց չերեւար, որ կը փաթթէ, բայց չի բռնուիր, որ տղաքը կառնէ՝ կոյր ու անողոք, իր կրակին չդարչին մէջ ու կ՚ուտէ զանոնք։ 

Մեղք եղաւ Կարմիրենց հարսին։ 

Ինչո՞ւ կը կրկնէ յիմար այդ տղան։ ՉԷ՞ զգար, թէ ինչ տարօրինակ է նախադասութիւնը իր շրթունքին։ Թէ իր օրերուն թիւը աւելի քիչ է, քան տերեւներունը, որ թթենիին ճիւղը քսանա սեւ։: կռնծած կը հագուեցնեն ու վար կը նային... Եթէ դիտնար, թէ Կարմիրենց հարսին հողքը չչորցած, իրն ալ պիտի բանան, դուցէ անոր չատ մօտիկ։

Ու կեանքը որքան իրա՛ւ, ուժգի՛ն, աղէտալի չափով մը համբուրելի կը դառնայ, երբ անոր քովիկէն անցընեն մահուան մագ նիսը։ Ու ինչպէս աղջկան մը միսը բզկտող, խենթացնող, սպաննող բան մը կը դառնայ, երբ անիկա մօտիկը բռնենք հոգեվարքներուն, ու հեքիաթին հաւաստումովը՝ նույնիսկ նոր մեռելներուն։ Ու ի՞նչ անմիտ, ի՞նչ անբարոյ բան է նորէն մահը, երբ ատանկ զանգակի մը թեւերէն կը թռի ու չերթար. ու կը յամառի, ճարտար ու հեգնող, մեր համբոյրներուն վրայ քսելու իր մատին ժահրը, բռնի, անպատկառ ու չարախինդ։ 

Մե՞ղք, մեղք է Կարմ իրենց հարսին։ Բայց հազար, հազա'ր մեղք է Օվակենց Թումասին։ Կարմիրենց հարսը իր մուրատն առաւ։ Իր աղջիկնութեան ան պտըտեցաւ բերանէ բերան ու կրակ ու դող ու երազ ձգեց մանչերու սրտին։ Աղուոր էր անիկա ու իր աղբիւր իջնեյուն սպասողներ ալ կային։ Ու անիկա կարգուեցաւ ու ճանչցաւ աշխարհը։ Ան կ՛երթայ առնելով անկէ ինչ որ կրնայ տալ «ասդենական»ը։ Ու կ՚երթայ աղուո՛ր, առանց մաչելու, հազուագիւտ բախ տով մը, նոր կեանք մը ապրելու, որ այդ մարմ չենը նորէն ապրելու գուցէ, ուրիշ տեղի մէջ։ Օվակենց Թումա՞սը։

Ու երիտասարդ ու թրթռուն աղջիկը, այս պատկերներուն ու յուզումներուն հեռանը տակ կը նայի պաղատող ու դեղին տղուն, որուն պատանքն է պակաս։ Որ ծծեց, խմեց իր միսերուն մէջէն տիեզերքին աղը, բայց ծարաւ մնաց։ Որ զինքը գրկեց իր ուժերուն բոլոր կշիռքովը, բայց չհանգչեցաւ։ Անոր ակռաներէն արիւնոտ աղեղներ ինկան, եղերական մանեակներու պէս, իր բազուկներուն ու ծիծերուն, բայց որ կեցաւ սակայն, մտիկ ընելով հեքիաթն ու երգը, գինով՝ ու տարուած այդ վայրկեաններուն իսկ, ու կղպեց 

41

բերանը։ Որուն ափերը անհուն աչքերու պէս լաց եղան իր մէջքին վրայ ու խորովուեցան, բայց մտիկ ըրին: Ու ան գառնուկի մը պէս խելօք ձգեց անոր միսերը։ - Առաւօտը տարօրինակ է։ Զանգակը կը քալէ օդերուն մէջ։ Ու անիկա գուլ է երբեմն, երբեմն ալ կրակ։ Անիկա թրջուած ու մսած կը թուի, ինչպէս սա տղոց սրտերը։ Ու անիկա ուրա՜խ, խենթ կը զարնէ, ինչպէս է գեղը։ Զանգակը մատը կը տանի իր թեւերուն վրայէն ու ամբողջ աշխարհին ճակատագիրը ատանկ կը չափէ։ 

- Ու տղուն շրթունքները՝ արիւնոտ, կծկուն, վառելով, կառնեն աղջկան մարմինը։ Ի՞նչ ջերմութիւն ու ի՞նչ հեւք ու ի՞նչ ճմլում, որ կը թռին այդ աղեղներէն ու ի՞նչ կը փնտռեն անոնք այդ ճերմակ հողի՛ն. մէջ, որ միսն է միշտ։ Ու անոր մատներն ու բազուկները ի՞նչ հզօր, անսպասելի ուժեր կը ճարեն, կը հաւաքեն անծանօթ խորքերէ ու կը լինեն բաբախումը, շարժումը, պոռթկումը, որուն առջեւ տեղի կու տան, տեղի տուեր են անմատոյց բերդերն ու անմատոյց դուռները։ Ու ինչպե՞ս անոր մարմինը կը հալեցնէ կարծես սա պահուն իր ոսկորներուն կմախք տրտմութիւնը, տգեղութիւնը։ Բայց նայուածքը, մանաւանդ՝ ուրկէ տեսնողները մինչ փտումը, որդենոտումը կը հասնին մեր դիակներուն։ Ու անոնց աչքերուն լեզո՛ւն, երբ արցունքն անգամ շոգի կը դառնայ ներսի հրդեհէն։ 

Տարօրինակ է առաւօտը: Մսելու, լքումի, իյնալու ու չելալու սա կախարդ առտո՛ւն: Անիկա, վերը, գերեզմանատան մէջ կա կուղ կընէ հողացու գետինները, որոնք մութին կը չափուին ու պիտի բացուին, ու անոնց կու տայ պատանք ու կրակ, ու բեռներով մեղք կամ ծով-ծով կարօտ։ Ու անիկա հոս, սա մութ տունին մէջ կակում կ՚ընէ աղջիկներուն սիրտը, այդ ուրիշ գերեզմանները, որոնք մէկ անգամ միայն կը բացուին իրենց կնիքէն ու արիւն կու տան ու արիւն կ՚ուզեն։ Ու առաւօտը այդ ափ մը միասին մէջ կը նետէ ափ մը խռովք տիեզերական գաղտնիքէն, գինովութենէն։

Ոչ մէկ բառ։ Լեզուն աւելորդ ու գուցէ կեղծ է նման պահերու։ Լեզուն սիրոյ զգայարանքներէն ամէնէն աղքատն է ու ամէնէն գուլը։ Անոնք, որ զայն կը լծեն սիրոյ աշխատանքին՝ ինքնախաբներ են յաճախ: Ոչ մէկ բառ: Շրթները գիտեն իրենց ընելիքը, որ ըսելը չէ։ Ու փոթորի՛կը, որ կը պոռայ անոնց կուրծքին դաշտերուն վրայ։ 

Ո՞ւր է հազը։ Ան՝ որուն գելումին, սկրթումին, «սղոցումին տակ, ատոր հակազդելու համար անոնք հասեր են հաշտութեան։

42

րուն անդոտը մեղմելու համար աղջիկը տուած է իր ափն ու բերանը տղուն կարմիր հեկեկանքին։

Խաղաղ, չպատմուող լռութեամբ խաղաղ է տունը։ Չ՚ելլար նոյնիսկ լացը Սողմէնին կոխցու [8] աղջկան, որ գիշեր ու ցերեկ կը նուայ։ Ամայի՝ փողոցը։ Գիշերուան պէս լայն ու հեռաւոր է տունին ու սենեակին ներքին ոլորտը, ուր կը ձեւուին ու կը պտըտին բնակիչներուն հոգեկան հոսումները, ուր շօշափել կը կարծես աղջըկան մը կուրծքը, կամ խմել կը թուիս անոր ձայնը։ Երկրորդ ու հոգեկան չէնքը։ Որուն մէջէն կը դպիս աղջկան մը հոգիին, երբ անիկա հարս է գացած շատոնց, բայց որմէ կը մնայ աննիւթ այդ ուրուայնութիւնը։ «Ճերմկած» գիշեր մը, ինչպէս կըսեն երբեմն սիրահարները ու անոնց ետեւէն՝ բանաստեղծները։ Պտուղները, անոնց գլխին, հանդարտ կը կենան իրենց կլոր ու քաղցր կեանքը, ու կը վանեն իրենց վրայէն մութին ժանգը շատցող լոյսին մէջ…։

Ու ահա հա՜զը։ Անդիմադրելի, լեցուն ու շառաչուն։ Վարէն, երբ նոր կը փրթի՝ խելօք ու կակուղ է ան։ Ու կը կլորնայ, ձեւը առնելով խռչափողին։ Ու տղան կը դնէ բերանը աղջկանը բաց կուրծքին, որ տապակար է՝ տարտամ ու անբացատրելի բանով մը։ Ու Նազիկին մատները կանցնին անոր ճակատէն ու մազերէն, ուր քըր տինք չկայ ամէն անգամուան պէս։ Ու կը խղդուի հազը, ծուէնծուէն պատռտուելով անոր կուրծքն ի վար։ Ու անոնք կը գրկուին ծանր, հասուն, կսկծագին։ Ու լրջութիւնը, որ նոր է վրանին։ Ու ներքին հեծկլտուքը ոսկորներուն, որ կը դղրդին։ Ու հեւքոտ տաժանքը անյագ տարփանքին, որ կը բարձրանալ, փրփրուն ու անսանձ, ու կը բարձրանայ։

Բայց թոյլ, լքուն է աղջիկը ու անշարժ են անոր բազուկները: Ու ահա զանգակը, որ վերջին իր զարկը կը զարնէ միջոցին սրտին ու աղջկանը սրտին։ Անոր աչքերը գոցուած են բոլորովին Կարմիրենց հարսին աղուոր մեռելին վրայ ու զայն կը տանին դէպի գերեզման։ Ու զայն կը թաղեն։ Ու կը գոցեն անոր վրայ հողը։ Բայց անոր բազուկները կը բացուին, կակուղ ու կանչեղ: Ան ակռաներով կը հիւսէ կզակները, խեղդելու համար գուցէ նողկանքը, թերեւս ձայնը, գուցէ հեշտանքը: Բայց անոր կուրծքէն, գունտ–գունտ, կլոր–կլոր կը փրթի շունչը, ըսես մէկը բռներ է սրտէն ու մատովը կը սեղմ է ու թոյլ կու տայ զայն։ Ու ահա անոր մարմինը, որ գոյուտ է ու փըրփըրուն։ Որուն հեռքը կ՚այրէ դիմացէն։ Ու կը բացուին, կը գոցուին 

* 

43

թարթիչներն ու բազուկները, անծանօթ կշռոյթով։ Ու լանջքը կ՚ելլէ ու կը քաշուի նորօրինակ, անլուր կշռոյթով։ Ու լուսնոտի մը պէս կը թրթռայ անիկա։

Ի՞նչ վախկոտ է Թումասը։ Մահուան նմանող այս պատկերէն ի՞նչ կը դողդղայ: Ան չի գիտեր, թէ աղջիկները ինչպէս կը մորթեն զիրենք։ Ու չի հասկանար, երբ անոր բազուկները կը փաթթեն զինքը պինդ, պիրկ, կոտրելու չափ իր ոսկորները: Ու անոնց մարմինները՝ իրարու կը տրուին, առանց որ ամէն անգամուան պէս մատներ կեցնեն… 

Թումաս չկրցաւ ոտքի կենալ։ Նազիկը չկար։ Իր ոսկորները անհունապէս ծանրացեր էին ու իր սրունքները առաձիգ ոստերու պէս անկիւն կը կազմէին, երբ բազմոցին կռթնելով ջանաց բարձրանալ ծունկերուն վրայ։ Արիւն էր տախտակին վրայ։ Բերնին վրայ։ Ձեռքերուն վրայ։ Ու չկրցաւ կապել այդ կարմրութիւնը իր Հազին բերում էին հետ: Բայց կը դողդղար։ Ու տարօրինակ էր, որ ոսկորներն էին, որ կը սպառնային տարածնուելու։ Ու նստաւ կրկին։

Վարէն գոցուեցաւ դուռը։ Ու փողոցին վրայ Նազիկին քալերը Հնչեցին յստակ։ Ան չհասկցաւ թէ ինչո՛ւ եւ ո'ւր գնաց։ Ու անոր ամբողջ մարմինը կասղնտէին։ Կոկորդին տակ պղպջակումը ծայր տուաւ, հազէն առաջ այդ պատրաստութեան իմաստը գիտէք ան։ Անցուց բերնին թաշկինակը, որ թաց էր չես գիտեր ինչով։ Ու սպասեց։ | Արեւը ներս մտաւ։ Տաքուկ էր ան։ Բայց անհուն մսուք մը կը ծաւալէր անոր կռնակէն դէպի մարմինին միւս մասերը, ուժով մը կը թօթուէր ու կանհետանար, քիչ վերջը նոր առնելու համար իր ողնասիւնը։ Նոր էր մսելու այս ձեւը։ Ու վախցաւ:

Չգիտցաւ, թէ ինչպէս ելաւ ոտքի: Մոռցաւ զգուշութիւնը, որով բարձրացեր էր: Կոխեց ամուր ու մինակ՝ սանդուխի աչքերուն: Խոնաւ բակին մէջ հատաւ շունչը բոլորովին, ու կռնակը տուաւ գուռին։ Գուցված աչքերուն տակ անգամ մըն ալ անցաւ սենեակին պատկերը անանկ քաղցր, անանկ հեշտ, որ նուաղեցաւ։ Բայց գիտակցութիւնը չէր մարած։ Դուրսէն անցնող կառքի ծանր ծեծկըւուքը  քարերուն հետ ցնցեցին զինքը։ Բացաւ աչքերը: Ու խորհեցաւ տուն դառնալու պէտքին։ Այնքան անզոր էին մատները, որ գլուխն ալ գործածեց մղլակը շարժելու համար։ Դուրսն էր ու փողոցը, ամայի, աղուոր արեւի մը թեւին տակ։ Այն ատեն լեցուեցաւ կոկորդը։ Ու չկրցաւ կուլ տալ խուժումը ու երկու ահագին պուկ արիւն նետեց մայթի տակէն քալող ջուրին մէջ։ Ու թեթեւցաւ: Իր ուժերը գտան զինքը, հակառակ բոլոր յոգնութեանը, քայքայումին։ Տուն անցաւ, գրեթէ եկածին պէս

- 44 

Տասնըհինգ օր վերջը մատնող խորհրդաւոր հոգեվարքով մը, որ երեք օր տեւեց, ու երկու հոգեդարձով, մեռաւ անիկա։ Երբ շունչը վերջապէս բաժնուեցաւ իրմէ, դէմքը գտաւ տեսակ մը խաղաղութիւն, գոհ բան մը, որ չէր հաշտուեր ոսկորներուն դժնդակ ու չար լարուածքին հետ։ Ու կարելի էր ըսել, թէ աղուոր մեռել մըն էր, պատանի այդ դէմքը, ուր կը պակսէր ողջութեանը այնքան դժնէ անդոտը հազին ու արիւնին։ 

Զայն թաղեցին գեղին բոլոր սրտառուչ արարողութիւններովը: Ամէն անոնք, որ զայն մեռած կը դաւանէին ամիսներէ ի վեր, չեն հաւատար հիմա, թէ անոր դագաղին ետեւէն կը բարձրանային դէպի գերեզման։ Անոր մայրը լեզու ելաւ բանաստեղծի պէս ու ըսաւ գովջերուն էն անուշները։ Ու յուզուեցաւ ամբարիշտ թաղը ու լացաւ։

Հայրապենց Նազիկը չտեսան անոր մեռելին վրայ, տունը, երբ դիակը լուալէն ետքը կը պառկեցնեն ու կը «գովեն»։ Չտեսան զայն դարձեալ եկեղեցին, ուր ազապ աղջիկները կարտօնուին ներկայ ըլլալու, բացառիկ շնորհով։ 

Չերեւցաւ նորէն քառսունքի հացին։ 

* * *

Մինչեւ հարսնիքը, Հայրապենց Նազիկը քիչ հեղ դուրս ելաւ տունէն։ Եղանակը ձմեռ էր։ Ձիւնը կը խղդէր մանաւանդ հորիզոնը ու մարդերը կը նետէր սենեակներու գերեզմանին ու աղջիկները՝ իրենց մութ կամ լուսաւոր երազանքին: Ցուրտերը ուժով էին պառաւներուն, որոնք ժամերգութիւնը չփախցնելու՝ համար խրխայ խրխայի վրայ կը հագնէին։ Ու իր սենեակին մինակ պատուհանէն, Նազիկ տրտմութեամբ, բայց յուզուած կը հետեւէր Օվակենց հարսին, որ թի մը կրակը ձեռքը, լերան ճամբայէն գերեզման կերթար, իր հետ տանելով Նազիկին հոգին:

Նազիկին հոգի՛ն։ հիմա, բոլորովին մինակ այդ անիծուած տունին մէջ։ Անոր մեծ մայրը դարձեալ չէր նայեր անոր որբութեանը։ Ու անոր հայրը, իր խոզերուն ու արջերուն որսովը տարուած, շաբաթը հազիւ հեղ մը գեղ կ՚իջնէր լեռնէն, վառօդի կամ ուտելիքի պէտքերով։ Ամէն անգամուն, թմբուկը առջին, իր որսերը սեւ ձիերու վրայ բեռցուցած՝ կը կտրէր գեղը, իր ամբողջ երկայնքովը, Ձորակի թաղէն մինչեւ խճուղին։ Ու կը կրկնուէին տեսարանները։ Ու փողոցներ կը լեցուէին անոր երգերովը, հայհուչներովը, գրգռութիւններովը։ Ոչ մէկը կը համարձակէր անոր մօտենալու հաշիւ ուզել։ Բայց գեղին մէջ նոր կազմուած երիտասարդութիւն մը, որ աւելի լաւ գիտէր զէնքին պատիւն ու արուեստը, ու կատէր թուր 

45

քերը, ակռայ կը կրճտէր այդ թափօրներուն ետեւէն։ Չըլլար Զաքարը, հաճին իր փորձանքը պիտի գտնար այդ նորժմնուկ յաւակնութիւններէն։

Ու անոր աղջիկը միս—մինակ ճանաչումը ըրաւ նոր խռովքներու։ Ինկաւ անիկա ախորժակէ ու թթուի ծափերը [9] ու քացախի շիշերը փնտռեց զարմանալով այս հակումներուն վրայ ու յետոյ վսիսնալով ու զգուշանալով։ Վրայի վրայ սիրտը կը խառնուէր ու օշարակները, որոնք այնքան տագնապուն ու դողաբար՝ կը պատրաստէր մեծ մօրմէն ծածուկ, չէին բերեր սպասած հանգիստը։ Ու ով գիտէ ի՛նչ մանկական դիտողութիւններէ իր մէջ կազմուած գիտութեան մը, նախապաշարումի մը մտիկ ընելով, զգալ կը կարծէր, թէ բան մը իր ներսէն կը տարածուէր դէպի դուրս, անդիմադրելի ճնշումով մը հրելով իր փորին պատերը դէպի առաջ։ Ու կը սկէր իր որովայ նին, միամիտ ու չմորած, որ կը պահէր թերաձեւ գմբէթումը ու կը մնար ամէն ատենուան պէս անկնճիռ ու դեղին։ Կ'ապահովուէր: Բայց քիչ ետքը կը տառապէր կրկին՝ հաստատելով հրուելու այդ զգայութիւնները կոնքին ոսկորներուն վրայ: Ու վախուն կը չափեր նորէն երկու ոսկորներուն բացուածքը, թիզովը ամէն օր։ 

Այս մենութեան ու այս մղձաւանջին մէջ, անիկա օգնութեան կանչեց իր կցկտուր ծանօթութիւնները։ Գեղի աղջիկները ամէն բան կը սորվին գործի ճամբով։ Ու քիչ էր գիտցածը Նազիկին։ Բայց ահաւոր անձկութեամբ համրեց օրերը։ Ու չեկաւ ինչ որ կը սպասէր։ Այն ատեն կեդրոնացաւ, ինքն իր վրայ, իր սարսափէն անդին անցնելով, մտիկ ընելու իր փորը։ Անիկա կը պահէր կրկին իր սովորական թերաձեւը, նոյն պարոյրով։ Ու անոր թիզը ոչինչ աւելցուց։ Բայց իր մատները իր միսերը գտան քիչ մը պիրկ, թեթեւ մը լարուած։ Փորձեց ծիծերը ու ախորժեցաւ անոնց կարծրութենէն, ինք՝ որ կը մտահոգուէր իր այտերէն: Տրտմած էր շատ այն օրը, երբ հայելիի մը անկիւնին (Նազիկը կը վախնար ամբողջ հայելիէն, գիւղական նախապաշարումով) տեսաւ դէմքը, որուն միաձոյլ կլորը կարծես կը խախտէր, ու ոսկորներու շուքը կը գծագրուէր տարտամ խորքերէ։ Ու յետոյ, պզտիկ, անախորժ, դեղին բիծեր, ցաներ, անոր այտերուն վրայ, աչքերուն տակովը, քիթի զոյգ զառիթափերուն, կը բուսնէին դանդաղ ու նեղող, բորի մը պէս, որ կը ծաւալի: Անոնք օրերուն հետ կը մեծնային ու իրարու կը միանային տգեղ ոստայնի մը նման: Բայց ինչ որ խորապէս յուզեց զինքը, հաստատումն էր ատիկա իր այտերու թուլացումին։ Իր երեսին միսերը կը խկէին, իր կոպերը կը հաստնային ու մորթը կարծր փայլ մը կը 

48 - 

հագնէր հակառակ կակուղցող դնդերներուն։ Չէր կրնար հասկնալ ու կը խորհէր։ հիմա՛, որ ատոնք ծծող շրթներն ալ չկային։

Ու թաղը կ՚ապրէր իր անզգամ ու բարեմ իտ մոլութիւններն ու մեղքերը, նոյն անփութութեամբ, առանց զգածուելու Թումասին եւ ուրիշներու մահէն։ Ու անիկա կ՚անգիտանար Նազիկը ու բոլոր Նազիկները։ Ցուրտերուն հետ ժողովքները փոխադրուած էին ներս, հողէ, օճախով մեծ սենեակները։ Օվակենց տունը, իր փեղկերը ընդ միշտ գոցած, իր կրկնադիր վարագոյրներուն խորը մասամբ պատնըւած, կը կենար անայց ու չարագուշակ։ Մեռնիլը, մանաւանդ մատաղ մեռնիլը նոյնքան մեղք է, որքան հիւանդ քաշքշուիլը ու բանի եար չըլլալը։ Ու անոր խորէն առտու, ցերեկ, իրկուն քվակենց հարսին գովքերը, անուչ, լեղի, սրտագրաւ, որոնք թաղին վրայէն լական սարսուռ մը կ՚անցընէին։ 

Պայխո՛ւշը, կը վայէին կնիկները, թօթուելով իրենց փէշերը ու հանելով կօշիկը ձախ ոտքերէն։ Ու չար ու բամբասող էին անոնք։ 

Թող քաղաք տանէին, կ՚աելցնէր ուրիշ մը։ Ու կը մեղադրուէր Ձորակի թաղը, անոր լեռնցի բնակիչները։ Անոնց կարծիքով քվակենց կծծութիւնը կերած էր տղուն գլուխը, շէնք–շնորհք բժիշկի մը դարմանը չփնտռուելով։ 

Ծառուկենց Վահանն ալ ատանկ էր։ Ստամպոլ տարին. հիմա տալիանի պէս տղայ է, կաւելցնէր Ակոբ Քեռին, որուն մէկ աղջիկը տարուան մը Հարս ետ ղրկուած էր իրեն, արիւն թքնելուն։ Ու անհոգ-անհոգ կը պատմէր, քոնեակով սուլֆաթոյին հրաշքներուն վրայ:

Կամաց-կամաց մեռելը սկսաւ թաղուիլ։ Խօսակցութիւնը կը կեդրոնանար Նազիկին վրայ, որուն ենթարկուած փոփոխութիւնը մօտ էր գուշակուելու։ Միւս կողմէ՝ առաջ կը տարուէին հարսանիքի պատրաստութիւնները։ Սնտուկին տուն մտած օրը պզտիկ ժողովը մը ըրին պառաւները, հակառակ անհանդուրժելի ցուրտին, բակին մէջ։ Նիւթ չունէր ժողովը։ Բայց Հաճի Խաթունին համար մաղթանք ընելով, անոնք կը հպատակէին իրենց մեծ մայրիկի բնազդներուն: Ամէնքն ալ հարսնցու թոռներ ունէին ու «երեսի ջուրով» հարսանիք մը գեղեցիկ յուզում մըն էր անոնց այս չորցած սրտերուն համար։

Ծնունդի տօնին Հայրը քաղաք մեկնեցաւ՝ բերելու պակասները օժիտին։ Կար ու կարկտուք բռնեցին Նազիկը իր տագնապներուն վրայ, պագ մը խորասոյզ ու մոռացկոտ։ Օժիտին ճերմակեղէնները բաշխուած էին աղջիկները, որոնք Նազիկին յանձնելու ատեն իրենց աւարտած աշխատանքը, կը կսմթէին երեսները, թեւերը, չարաճիի ու ժպտուն «բարի վայելում» մաղթելով։ 

- 47

Զաքարենց Մարիամը, կեսուրը, շաբաթը հեղ մը կու դար, հարսնցուն բաղնիք տանելու: Ծնունդի չաթթուն, տկարութիւն պատրուակելով՝ Նազիկ չգնաց աւանդական բաղնիքը։ Սկսած էր վախնալ պառաւին ու մանաւանդ անոր աղջկանը, Ռաչանենց հարսին խուզարկու նայուածքներէն։ Իրականը այն էր, որ մայր ու աղ ջիկ հպարտ էին, իրենց համեստ տուներուն համար ասանկ աղուոր հարս մը ունենալու փառքովը։ Ու գորովով կը փայփայէր Մարիամ՝ մայրը անոր մարմինը ու կը չփչփէր անոր կողերուն քաղցր կաղապարումը: Ու իր տղուն բախտովը տարուած՝ մտքէն չէր անցըներ ա ղէտը, որուն առաջին վարագոյրը պատառ-պատառ ինկած էր արդէն առջին լուացուող սա շնորհալի մարմինին վրայ։

Կաղանդի գիշերը մեծ մայրը գնաց Օլակենց մեռելին։ Հակառակ բուռն ստիպումին, չկրցաւ հետը տանիլ Նազիկը։ Տօնական բան մը կար օդին մէջ, որ ճնչեց աղջկան։ Ուրիշներուն զուարթու թիւնը չենք տեսներ ոչ թէ մեր ցաւին, այլ մեր ուրախութեանը համար։ Աշխատեցաւ մնալ հանդարտ ու չլալ։ Կը նեղուէր աւանդութենէն։ Բայց օճախով սենեակը, պզտիւն լոյսին մէջ, որ պատէն կ՚ա րիւնէր, մռայլ բանով կը տպաւորէր։ Կարծեց թէ կը տեսնէր ու նաչէր իր մեղքին մէջ։ Ու դուրս, սրահը անցաւ, բոլորովին մինակ ը լալու համար։ Քովի տունէն Դադէն Մէրը կորոտար։ Ասդիէն՝ Սողմէնին աղջկան ճուոցը։ Ու զգաց, որ մինակ չէր։ Իր մտածումը, ելնելով իր անորոշ զարկէն, թանձրացաւ ու կրկնուեցաւ։ Պիտի խօսէր անոր հետ։ Բայց զսպեց բերանը: Մէկը իրեն ըսաւ, որ ելէ վեր։ Անորոշ էր նորէն վերը, բայց երբ բարձրացաւ երկրորդ յարկը, աչքերը գոց ու խարխափուն, ծունկերը կախուեցան վար, վար։ Ու կթոտեցան։ Ու տարօրինակ էր, որ մեղքի օրուան զգայութիւնները կը հաստատէր իր սրունքի ջիղերովը, երբ վար կ՚իջնար Թումասին քովէն։ Ու այդ մէկը ճշդուեցաւ կարծես։ Իրեն անանկ կու գար, որ ան կը հեւար իր կուշտին, խղդուած, կարճ խժռքով, իսկ եւ իսկ Թումասին բերանէն. հիմա որոշ էր վերը։ Անիկա յառաջացաւ սրահին մէջ, բայց կանգ առաւ սարսափով։ Ոտնաձայներ կային, ծանօ՛թ, ու ատով աւելի զարհուրելի։ Թումասը կը քալէր։ Բռնեց սիրտը, չիյնալու համար։ Շարժումը ցրուեց իր արիւնին խուժումը եւ լեց, որ քովի տունէն մէկը կը հեռանար։ Ապահովուած էր։ Ուղեց վար իջնալ, բայց պղտիկ սենեակին տվել ու մինակ լույսը փռեցաւ մտքին առջեւ:

Թթենիի տերեւները հաւաքուած էին անկիւնները՝ կազմելով սեւ եւ ուռած եռանկիւններ։ Հովը կը խօսեցնէր զանոնք ցնորական բերաններու նման։ Ինչո՞ւ մտաւ մեղքին սենեակը։ 

48

Անապակի պատուհաններին բաց ու մութովն իսկ տպաւորիչ էր երկինքը։ Լիճին կողմէն լուսնկան կը զարնէր խորտուբորտ առաստ տաղին, ուրկէ կախ պտուղները, անրջական ջուրի մը մէջ թաթխուած՝ կը դողային, կամաց–կամաց շարժելով, կամ օրօրուելով իրենց հիւսքերէն ու բոլորակներէն։ Փողոցը, ծածկուած քալող լոյսերով, չերեւցող ոտքերու կարծր աղմուկովը։ Ցուրտ կար։ Բայց Հաճելի, բարեկամ ի պէս, որուն կարօտը ունեցար։ Նազիկը տուաւ կուրծքը պատուհանին։ հեռաւոր բլուրները խոշոր ու տժգոյն զանգուածներ էին, որոնց միաձեւ սեւը կ՚աղօտէր չես գիտեր ի՛նչ նշուլումներէ։ Ու անոնք կը նման էին երկինքէն փրթած ու վար ինկած բաներու, պահեյվ չոգեւորում մը իրենց անցքին փայլէն։ Բայց տխուր էր ու ցուրտ երգը տղոց, որոնք գիշերը ելեր էին տունէ տուն պտըտելու։ Ու յետոյ, հերուան այս պահը, երբ ինք ալ գացեր էր Թումաuենց տունը ու գօտի նետած։ Ինչպէս առեր էր ներս անոր մայրը։ Ինչպէս անճառ երանութեան մը մէջ բռնած էր տղան իր ձեռքը ու նայած տարուած ու երկար։ հանդարտ այդ տեսարանը գոցուեցաւ մէկէն. հիմա նորէն նոյն Թումասն էր, որ կելլար մութին ծոցէն։ Ու աշնան առտուն էր։ Ու զանգակ կար օդին մէջ։ Ու գրկած էր ան իր մարմինը, անանկ սրտանց, անանկ փաթթուած, որ զգայութիւնները գրեթե կրկնուեցան։ Ան ապրեցաւ մեղքը, կամաց, մանրամասն ու խորունկ։ Յանկարծ դողդղաց։ Ցո՞ւրտ էր։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ փորին մէջ բան մը դարձաւ։ Ձեռքը տարաւ որովայնին։ Ոչինչ։

Ու բացուեցաւ անդոտը անոր հոգիէն ներս։ Զօրաւոր էր անիկա։ Իր յղի մնալէն ասդին, քանի՜-քանի՜ անգամներ աղջիկը անցեր էր այդ տագնապանքէն։ Քանի՜-քանի՜ անգամ ճամբայ ելեր էր դէպի Աղուընակ Քարերը։ Ու սաղցած լուացքի չուանին հետ, վիզը չափելով։ Բայց ամեն անգամ ուն ալ բան մը կեցուցեր. էր զինքը։ Ու վախը չէր ատիկա։ Անիկա հաշտուած էր մահուան հետ։ Ու աչքին առջեւ կը բերէր միւսները, իրեն պէս ծակ–պտուկներ, որոնք անցեր էին վտանգաւոր գլուխէն ու կ՚ապրէին։ Տղայ ունէին։ Ու անոնց էրիկները դարձեալ, որոնք ոչինչով տարբեր էին միւսներէն։ Ու կը Հագուեցնէին իրենց կիները միւսներուն պէս։ Իր չարչարանքին մէջ չերեւցաւ ստուերը իր նշանածին, որ անուն մըն էր, արիւնոտ ու դաժան անուն մը։ Իր մէջէն զայն արհամարհելու որոշում մը միշտ կրցաւ փրցնել։ Ու կ՚երեւակայէր ծոցին գիշերը ու աչքերը կը մութնային ու կը գոցուէին, ըլլար ատիկա լոյսին թէ խաւարին մէջ։ Ինքն իր մէջ շարունակ, անիկա տեսակ մը մարզանք կընէր մահուան, օրուան շատ պատերուն։ Իր կամքին վրայ իր բռնութիւնները, նոյնիսկ իր մարմինին հետ բարձր ձայնով խօսակցիլը, մտքին 

49

միամիտ յանդգնութիւնները, կտրուկ ու կրակոտ իր որոշումները, մահէն կեանք դառնալ կրնալու առաքինութիւնը, որ յատկանիշն է պատանիներու տարփանքին, զինքը կընէին մշտագրգիռ, նեղսիրտ ու մարդախոյս։ Բայց իր ջիղերը չէին դիմանար այս պրկումներուն։ Անիկա կը լքուէր ինքզինքէն։ Այն ատեն միսի խեղճ ու վիրաւոր կտոր մըն էր, քակուած բան մը, լարերը փետուած նուագարան մը, զոր պատէն ա՛լ չեն կախեր ու կը նետեն անկիւն մը։ Ու կ՚ըլլար ան ամբողջ վիշտ, յուսահատութիւն եւ մահ։ Կը զգուշանար մարդու աչքին իյնալու ու կը քաշուէր դուրս, առաջները, երբ չէր վախնար փորէն. հիմա՝ մութ ու մինակ սենեակները։ Ու յետոյ, դարձեալ գրգիռը, կրակը, մահուան դէմ կարծրանալու կամքը։

Սենեակէն ստիպուեցաւ փախչիլ սակայն, երբ դերաններուն մէջ հեծկլտուքը ինկաւ։ Ցուրտը ուժով էր ալ։ Ու սարսուռը կը կոտտար իր միսերուն, ինչպէս գերաններուն մէջ։ համ բաւով գիշերն էր ասիկա, ուր գերաններուն լեզուն խորհուրդ ունի ու կը պատմէ տարիին լաւն ու գէշը, լսել կրցողին։ Ու միտքը ինկան կիները, որոնք ունէին կախարդ այդ գիտութիւնը։ Կախարդի այս պատկերը թեթեւցուց զինքը մէկէն։ Գիտէր, թէ ո՞վ կըսէ այս դժուար բաները աղջիկներուն ~ անոնք, կախարդները ամէն բան կրնային։ Ու նոյն վայրկեանին իսկ վճռեց ճիչերով երթալ Դայեկ Մելիքին, որ միշտ տաք ու մեղքցող շեշտ էր ունեցեր իրեն համար։ Ան՝ որ տղայ չունեցող Հարսներուն զաւակ կը ճարէր ու չուզողներունը կ՝առնէր։ Մեր ամէնէն խորունկ Հոզերը կը վարեն մեր զգայութեան սար ւածը, դուրսէն անկախ։ Ճիշդ է ասիկա ժողովուրդներուն, ինչպէս գեղջուկ աղջկան մը համար։ Ու այս քաղցր պատրանքն է թերեւս, որ ապրիլը կարելի կընէ այսքան եղերական պայքարներու մէջ։ Զօրացած ու լաւատես՝ ան իջա բակ ու կը պատրաստուէր Մելիքին երթալու, երբ ներս մտաւ մեծ մայրը։ Կը դառնար մեռել տունէն։ Բայց անոր մռայլ ու պառաւ պատկերին դիմաց, որ աւելի կ՚այլանդակուէր ձեռքի հեւացող լոյսին մէջէն, անիկա վախցաւ կեանքէն։ Ատ չէ՞ր ինչ որ կը սպասէր ամէնուն։ Ու մտքէն անցաւ Կարմ իրենց Հարսին գեղեցիկ մեռելը։ Չէր խօսեր։ 

Պառաւը բռնեց ձեռքը։ Պաղ էր ու մեռած։ Հետեւեցաւ անոր, մոռցած իր Հերոսական վճիռները։ Գիշերը լայնցեր էր ու երթեւեկը ցանցառ։ Մտան պաղ անկողինը ու Նազիկը ձեռքերը փորին՝ իր տաք մարմինը տուաւ պառաւին միսերուն մէջ։ Տարիին վերջին գիշերն էր ու քունը հեռու։ Անոր հոգին փոխնիփոխ կը ճօճէր կեանքին ու մահուան հակադիր բեւեռներուն մէջտեղը։ Ու կըլլար դաժան, սպաննող իրեն եւ ուրիշներուն հանդէպ։ Ու կ՚ըլլար նուիրուած

50

զոհուող ու բարի աշխարհին հանդէպ։ Բայց կրցաւ ալ մտածել։ Ու կը մտնէր իր կեանքին բախտորոշ շրջանին։ Ամիսէն հարսնիքն էր… 

Ո՛չ Թումաuիկը, ո'չ ծոցի գիշերուան մղձաւանջը, ոչ ալ ծակպտուկներուն ողբերգութիւնները՝ այցելեցին իրեն երազին։ Ան տեսաւ զարհուրելի պատկերը իր մօրը մահուան։ Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այդ տեսարանը, այդ գիշեր, նոյն վայրկեանին կրկնուեցաւ մեծ մօրը ու թոռնիկին երազներուն մէջ։ Ու երկուքն ալ արթնցան։ Աղջիկը կու լար սարսափէն։ Պառաւը կը դողար ամբողջ ոսկորներովը։ 

Ինչո՞ւ կու լաս։ 

Բայց դող էր անոր ձայնը։ Ու դող էին անոր ափերը ու սառո՛յց, հաստ վերմակներուն տակ։ 

Մաման տեսայ։

Պառաւին դողը կրկնուեցաւ։ Ու կը պրկէր մատները, կարծես վանելու համար մղձաւանջը։ Ու անոր մատները քարցեր էին ու չէին կոտրեր գուրգուրանքի շարժումին համար, մինչ թոռնիկը կը չարունակէր արտասուել, խոշոր ու ջղաձգօրէն։ Անիկա գրեթէ գարչանքով ետ մղեց պառաջին խորտուբորտ ափը երեսին վրայէն։ Ու կը տառապէր անդիմադրելի ճնշումի մը տակ, իր երազը պատմելու ու չէր կրնար։ Բառերը բամպակի կծիկներու պէս կը շարուէին իր կոկորդին ու չէին ելեր։

Պառաւը թալթլելէն կեցաւ ոտքի: Լուցկին չէր կենար իր մատներուն մէջ։ Անէծքով ու սարսռալէն վառեց պզտիկ լապտերը։ Մութը դեղնեցաւ անկողինին մօտերը, բայց ուրուացաւ պատերուն տակովը։ Ճերմկած վարագոյրները ծեծուեցան իրենց վէպերուն ու  քղանցքներուն վրայ, մեղմ ու խորհրդաւոր։ Կը հեծկլտար աղջիկը, գլուխը թաղած վերմակին տակը։

Տօնական գիշե՜րը։ Մինչեւ ուշ ատեն, փողոցներուն մէջ ոտքերը չեն պակսիր ու դուռներուն մեծ ձայները ընդհատ կը տեւեն կէս գիշերէն շատ ետքն ալ։ Պառաւը վառեց օճախը։ Ու փաթթուած՝ իր հարսնութեան օրերէն մինչեւ հիմա քաշքշող սամոյր մուշտակին մէջ - որմէ կը մնար այնքան բան, որքան մնացեր էր համբաւաւոր աղջիկէն, Հայրապենցէն խրոխտ ու փառաւոր օրերուն, առաջին անգամ ներս մտնող անդրանիկ Հարսէն անիկա խոթեց ձեռքերը ծոցը ու հեծկլտաց- կամաց ու ներսէն։ Բաց անհանգիստ էր։ Ելաւ օճախէն ու մօտեցաւ անկողինին, Նազիկը անհուն զզուանքով ետ ըրաւ իր ձեռքը։ Դարձաւ իր անկիւնը կրկին։ Ու անոր մեղքը կը խոշորնար ու կը լեցնէր սենեակը։ Ու երազը կը թափառէր մտքին առջեւ, տարօրինակ իրականութեամբ մը, այսքան տարիներու հաստութեան մէջ իր բոլոր գիծերը կենդանի պահած դժնդակ երազը։ 

51

Մե՞ղք է, պապա'։ 

Կարծես թէ տունին ընդերքէն կը փրթէր այս գութի աղաղակը։ Պառաւը խաչ հանեց։ Լոյսը ձեռքին՝ մօտեցաւ անկողինին։ Նազիկը քուն էր։ Բայց անոր երեսին վրայ յստակ էր ողբերգութիւնը։ Պըրկըւած անհուն սարսափի մը մէջ, անոր կոպիճները փոթ–փոթ կծկուեցան: Ու անոր դէմքին միսերը ճմռքուեցան, կարծես հարիւրով ասեղ անցընէին վրայէն։ Բաց էր բերանը ու բառերը փրթած, ծլիկծուիկ կը նետուէին ներս

Մեղք է, մամօ՜, կը խղդէ կոր, մամօ՜։

Աւելի չկրցաւ դիմանալ ու թօթուեց ուժգին աղջկան գլուխը։ Բացաւ անիկա աչքերը, բայց կը շարունակէր տեսնել խուժդուժ տեսարանը ու առանց ուզելուն ու գիտնալուն։ 

Կը խղդէ կոր, մամօ՜… 

Պառաւը չկրցաւ հարցնել։ Աղջիկէն աւելի կը վախնար։ Նոյն ատեն, վրայի յարկին տունը սարսռաց լայն ու ծաւալուն գիծերով։ Տարիին վերջին գիշերն էր ու խօսող պատերը գէջ կը խօսէին։ Երկու սարսափներու մէջտեղ անիկա չէր գիտեր ընելիքը։ 

Մղձաւանջը գնաց Նազիկին աչքերէն։ Բայց դողը սիրտը իջած էր: Ան ուզեց մեծ մայրը իր քովը։ Պառաւը հանեց հնօրեայ մուշտակը, որ գետին ինկաւ փլող բանի մը ձայնովը։ Առանց լոյսը մարելու, մտաւ անկողին։ Թոռնիկը փաթթուեցաւ անոր, զգուշանալով փորէն ու իր դողը կը դողար անոր թեւերուն ու կուրծքին վրայ

Մամo։ համմ է, ձագուկս։ 

Պառաւը գորովոտ էր ու լուրջ։ Բայց աղջիկը տակաւին չէր հաւատար իր կոկորդին ազատ գալուն, այնքան զօրաւոր էր եղերական թաշկինակին այրուցքը իր մէջ։ Պառաւը գրկեց աղջիկը, որուն երկու ձեռքերը մեքենաբար գամուեցան իր փորին վրայ։ 

Մամօ՜։ 

Սուս, ձա'գս, սուս

Օվակենց դուռը խոշոր ու տրտում գոցուեցաւ, կարծես գերեզմանի մը վրայ։ Զայն ետեւէն փակող փայտեայ գերանը մխուեցաւ հաստ պատին մէջ։ Անոր սուր ու բզկտող ճռինչը երկարեցաւ ու մեծցաւ։ Բայց Նազիկ, ձեռքերը փորէն առանց բաժնելու, ցընցուեցաւ ամուր, ոտքէն գլուխը։

Ու ահա կարաւանը մեռել տանողներուն։ Ու կարաւանը հարսնեւորներուն։ Ու անոնք, որոնք կախուեցան ու խղդուեցան ու քարերէն վար թափուեցան։ Ու իր մայրը, խղդուած, բայց գեղեցիկ։ Ու Զաքարենց Զաքարը, դաժան ու հոգի առնող։ Կապ չկար 

52

այս յաջորդութեան մէջ։ Տունը նորէն խօսեցաւ ու պառաւը խաչ հանեց։ 

Գլխունում գալիք կայ, Տէ՛ր, ըսաւ անիկա լսելի շշունջով մը։

Նազիկ չպատասխանեց։ Բայց նախադասութիւնը մարդկային բան մը տարաւ իրմէ ներս։ Պառաւը ճիշդ կըսէր։ Ու գոցեց աչքերը։ Կրնային գալ բոլոր գալիքները։ Վճռական, չար աղջիկն էր, որ կը յաջորդէր անկազմ, խայթէն քայքայուած, խեղճ արարածին։ 



[1]     Կատոզ հսկայ տակառ, ուր կը պահուի ձիթապտուղը։

[2]     Տիյնիկ, հաւուկուտիկ աղցան խոտի տեսակներ:

[3]     Պօղ գունաւոր ու հաստ գոգնոց, պառաւներուն յատուկ։

[4]     Կրակ մարել Գիւղական բժշկութեան ձեւ մը։ Աման մը ջուր կը բռնեն հիւանդին գլխուն վերեւ. պառաւ մը մոգական քանի մը բանաձեւ արտասանելէ ետք, ուճելիով կրակի կտորներ (խոռ) կ՚առնէ օճախէն ու կը նետէ ջուրին մէջ իրարու ետեւէ։ Մարած կրակին ծակոտիկները, նստած մոխիրը նիւթը կը կազմեն մեկնության: Ընդհանրապէս չար աչք է, որ կը խափանել այդ արարողութեամբ։

[5]     ՔԷֆիյէ - մետաքսէ բանուած գոյնզգոյն ու նրբահիւս թաշկինակ, զոր օձաձեւ կ՚ոլորեկ գդակին շուրջը։

[6]     Նապաստակ ըլլալ երբ նշանած մանչն ու աղջիկը, որոնց արգիլուած է իրար տեսնել, անակնկալ կերպով մը դէմք դիմաց գտնուին:

[7]     Փրիշակ չարագուշակ, ուրկէ մահ է ելած։

[8]     Կոխցու–չաճող պզտիկ, որ կը ճուայ անընդհատ: Պառաւները կը հաւատան, թէ «կոխք» եղած է, այսինքն փոխուած` դեւերու կողմէ։

[9]     Ծափ–հողէ մեծբերան սափոր, ներսէն կիտուածուն, պահծուներու համար։