II
Հարսնեւորներուն
վերջին
խումբն
ալ
մեկնեցաւ։
Զաքարենց
Զաքարը
«քաչեց
մեծ
գերանը,
որ
դուռը
կռնակէն
կը
կապէր
պատէ
պատ։
Հաստ,
դժնդակ
ձմեռ
էր։
Ու
ձիւնը
տան
առաջամասը
գոցեր
էր,
ծունկի
խորութեամբ:
Զաքարը
մտածեց
Ողիմպոսի
կիրճերուն,
որոնք
մինչեւ
իրենց
պուկը
կը
լեցուէին
հիմա,
ու
պատահական
ճամփորդներու։
Իր
հոգին
գթոտ
էր
ու
բարի։
Անիկա՝
նոյնիսկ
չբարկացաւ
ձիւնի
փաթիլներուն,
որոնք
կիյնային
հանդարտ,
թրթռուն
ու
անհուն։
Գինով
բայց
լուրջ`
թօթուեց
գուլպաներէն
ճերմակ
խաւը։
Ափին
կռնակովը
անցաւ
անգամ
մը
պեխերուն
վրայէն։
Ինքն
ալ
չէր
գիտեր,
թէ
ձի՞ւն
վար
կու
տար։
Անցաւ
տարածութիւնը։
Չէր
տատաներ
աջ
ու
ձախ,
ինք՝
որ
այնքան
գինովներու
աջ
ու
ձախ
ճորճորալը
ծաղրեր
էր
ատենին
ու
կը
սպասէր
հիմա
նման
վիճակներու։
Սանդուխներէն
ելած
ատենը
զգաց,
որ
քիչ
մը
տարբեր
էր
աչքերուն
չափը:
Բայց
չխորացաւ:
Սանդուխի
գլխուն՝
մայրը
ծռեցաւ
տղուն
ականջին
ու
կամաց
փըսփըսաց։
Առանց
պատասխանի՝
Զաքար
չտկուեցաւ
երկրորդ
յարկը։
Մայրը
դարձաւ
օճախով
սենեակը։
Ձմեռը,
Սուրբ
Սարգիսի
դասական
ձմեռ
մը,
սաստիկ
էր
ինկած
ու
անակնկալի
բերած
նոյնիսկ
ամէնէն
ամրակազմ
տուները,
որոնց
պատուհաններու
գիծերէն
փըր
տըւած
էին
ներսի
թուղթերը։
Ու
հակառակ
մեծ
կրակին,
սենեակը
չէր
տաքնար։
Մարիամը,
լուրջ,
հանդիսաւոր,
բայց
պզտիկ
մըն
ալ
մտազբաղ,
տեղաւորուեցաւ
իր
անկիւնը,
օճախին
աջ
եզրին,
գառնուկի
իր
կակուղ
մորթին
վրայ։
Հարսանիքի
կրակ
էր
օճախինը։
Ու
անոր
բովերը,
սաքուին
շրթներուն,
թեթեւ
մուխ
ունէին
տակաւին
մոմի
ու
կերակուրի
մնացորդները։
Քովն
էր
աղջիկը,
Ռաչանենց
հարսը,
համակրելի
ու
փորձառու
կնիկ,
որուն
անուշ
լեզուն
զինքը
փնտռել
53
կու
տար
ամէն
խճող
ու
դժուար
կացութիւններու։
Ո՞վ
գիտէ։
Ծոցի
գիշեր
էր։
|
Իրենց
պարմանութեանը,
այս
գիշերը
կու
գար
պսակէն
երեք
օր
վերջը։
Բայց
հիմա
օրէնքներն
ու
բարքերը
փոխուեր
էին։
Տէր
տէրը
Կիրակի
երկուընէ
ստիպուած
էր
խաչն
ու
նարօտը
արձակել։
Ու,
գեղին
մեծնալովը,
թուրքերուն
հետ
կապերուն
լայննալովը,
նոր
ճամբաներուն
նոր
փորձանքներովը,
տասը-քսան
տարուան
մէջ
մեղքերը
չատցեր
էին։
Զաքարենց
Մարիամը
անփորձ
մէկը
չէր,
բայց
վերջին
քանի
մը
պատահարները
ամէն
կեսուր
վախի
մէջ
ձգած
էին։
Ու
վար
դրած
էր,
աղջիկէն
զատ,
Էրկան
Տչխուն։
Տունին
մէջ
քանի
շունչը
աւելնար,
պառաւը
քիչ
մը
աւելի
ուժով
կը
զգար
ինքզինքը։
Յետոյ,
գործ
ալ
կար։
Կարմրած
սաւանին,
նշանի
սաւանին
փոխադրութիւնը
դէպի
Հայրապենց
տունը,
ատանկ
ձիւնով։
աղջիկը
մեր
Ժած
էր
այդ
աւանդական
պատգամաւորութիւնը։
Էրկան
Տչխուն
թաղին
նորելուկ
դայեկն
էր։
Երկու
զաւակով
կանուխէն
այրի,
ան
չէր
կարգուած
ու
գացած
թուրքերուն
գեղերը։
Աշխատող
ու
յամառ,
ծխախոտի
ու
չերամի
գործերով
մեծցուցած
ու
կարգած
էր
ջուխտ
աղջիկները։
Խօսուած
բայց
մոռցուած՝
անիկա
հիմա
տիտղոսաւոր
ու
վարժ
ծիսակատարն
էր
հարսներուն,
ծնունդ
ներուն,
կնունքներուն
ու
մեռելներուն։
Կը
սիրէր
այս
գործն
ալ,
կտոր
մը՝
նուէրին,
բայց
մեծ
չափով
իր
խորհուրդին
համար։
Երեք
կիներն
ալ
նստան։
Ու
տեսնուեցաւ,
որ
երեքն
ալ
ծունկի
էին
օճախին
շուրջը։
Մէկ
ու
նոյն
մտահոգութիւնը
բռներ
էր
անոնց
ներսը։
Ու
պակաս
էր
խօսքը։
Պաղ
է։
Էրկան
Տչխուն
էր,
բան
մը
ըսած
ըլլալու
համար։
Ու
ակիչին
կեռ
բերնովը
մխտեց
կոճի
մը
եղջիւրոտ
գլուխը,
որ
կոտրեցաւ։
Մէջէն
թափեցաւ
կրակը,
կարծես
ոսկիացած
ուղեղ
մը
պարպելով
օճախի
մեծ
քարին
վրայ։
Պաղ
է,
պատասխանեց
Մարիամը,
նոյն
թոնով։
Բայց
կը
զդեւսկին,
որ
խօսքը
անտեղի
էր։
Բերանները
չէին
ու
զեր
չարժիլ,
քանի
որ
կիներուն
կեդրոնը,
հոգեկան
կեդրոնը
ուրիշ
տեղ
էր
հիմա։
Բայց
փայտերուն
ճարճատիւնը
երբ
կենար,
լռութիւնը
կը
դառնար
աւելի
տխուր
ու
երկիւղալի։
Գիշերը
շատոնց
անցած
էր
կէսէն։
Հարսանիքին
շրջանակին
մէջ
աւանդութեան
զետեղած
ոգիները
դեռ
չէին
ընկճուած
աքաղաղին
երկրորդ
երգէն։
Տէրընտասին
դեռ
օր
կար
ու
փեսայ
կամ
հարս
խղդող
դեւերը
կը
թափառէին
տուներուն
մօտը,
պաշտպանուած
ձիւնին
մուշտակովը։
Գաւաթ
մը
ջուր,
Մարիամն
էր
նորէն,
որ
կարօտը,
պէտքը
կը
զգար
մարդկային
ձայնին։
54
ռասս
Աղջիկը
բերաւ
ջուրը։
Ու
գաւաթը
ծանր
էր
անոր
ափին։
Զաքարենց
Մարիամը
պուտ
մը
առաւ
բռնի
ու
դրաւ
գաւաթը
գետին։
Չես
գիտեր
ինչպէս,
երերաց
ու
շրջեցաւ։
Կոտրեր
էր։
Յիսուս
Քրիստոս,
մրմնջաց
պառաւը։
Վախը
անցա
երեքին
ալ։
Ջուրը
երկարեց
իր
թեւիկը
մինչեւ
կրակը
ու
փրփրելով
շոգիացաւ։
Ու
անոր
ձայնը
չարագուշակ
էր
դարձեալ։
Բարով
է,
բարով
է,
աւելցուց
Ռաչանենց
Հարսը,
ինքն
ալ
չհաւատալով
իր
բառերուն։
Էրկան
Տչխուն
լուռ
մնաց։
Փոխարէն
ելա
ուղտի
պէս
ծունկերուն
վրայ։
Անոր
ականջները
վերի
սենեակին
խորհուրդը
կը
հըսկէին։
Ոչ
մէկ
չչուկ
երկրորդ
յարկէն։
Դուռը
գոցուելէն
ի
վեր,
տախտակները
ոչ
մէկ
նշան
տուին։
Ու
ձիւնը
կ՚իյնար,
անհուն,
անաղմուկ։
Ու
մէկ
անգամէն,
բայց
որուն
ինչպէսը
աւելի
ետքը
անկարող
եղան
բացատրելու,
իրենք՝
կիները,
գետինէն
թէ
առաստաղէն,
բուսաւ
տագնապը։
Սկիզբները
հազիւ
զգալի՝
անիկա
ուժովցաւ
ու
լեցուց
երեքին
ալ
սիրտը։
Բայց
անոնցմէ
ոչ
մէկը
մտքէն
անցուց
մտահոգութիւնը
հաղորդել
շովինին։
Ինչո՞ւ
կոտրեցաւ
անոնց
վըստահութիւնը
ու
նայեցան
առանձին–առանձին՝
բաժակին։
Անոր
գեկորները
կրակէն
կ՚առնէին
քիչ
մը
ճառագայթ
ու
արիւնի
գիծերու
պէս
կը
վառէին
զանոնք,
պղտոր
բերաններով։
Արիւնի
յաճախա՞նք
մը։
Կիները
ընդզգացին
ատիկա։
Մ
էկը
յառաջացաւ
նոյնիսկ
«բարի
նշան»
ընդունելու
ապակիին
այդ
գունաւորումը։
Յետոյ
տխրեցան,
երբ
բոց
ին
դադրելովը
կտորները
տեսան
սեւցած
ու
մեռած։
Աշխարհք
է...
Էրկան
Տչխուն
էր,
ատանկ
փորձառութեանց
ամէնէն
մօտիկը,
որ
նետեց
տարօրինակ
նախադասութիւնը։
Բայց
աւելի
տարօրինակը
այն
էր,
որ
անիկա
կը
թարգմանէր
նոյն
ատեն
միւս
երկուքին
ալ
խռովքն
ու
կասկածանքը։
Ասչափ
ատե՞ն,
տեսնուա՛ծ
չէ,
աւելցուց
կրկին
Տխուն
ու
հեղինակաւոր
իր
շեշտը
հնչեց
միւսները։
Այն
ատեն
զգացին,
թէ
անիկա
օտարն
էր
իրենց
մէջ։
Ու
ամէնէն
քիչ
կապուածը`
վտանգին։
Պառաւը
խոր
շունչ
քաշեց։
Նեղուեցաւ՝
զսպելու
համար
կատաղութիւնը
իր
շրթունքներուն
ու
բարկութիւնը
ձեռքերուն,
որոնք
կը
հրուէին
անոր
ներսէն,
վանելու
համար
«ցուցանք»ը։
Յետոյ,
վտանգաւոր
մարդոց
մէկ
բնական
ճամբովը
բարձրացաւ
Աստըծոյ
արդարութեան։
Ինք,
Զաքարենց
Մարիամը
մրջիւնի
վրայ
չէր
կոխած
ու
մտքով
անգամ
չէր
մեղանչած։
Ու
յիշեց
Զաքարին
Հայրը,
որ
իր
աղջիկնութիւնը
մէկ
«Հայր
մեր»ի
մէջ,
թուղթ
ծալածի
պէս
ծալեր
55
էր։
Հովի
զօրաւոր
հոսանք
մը,
բաւական
հեռու
պատուհանի
մը
փեղկերը
խախտեց
տեղէն
ու
սկսաւ
ծեծել,
չարագուշակ
աղմուկ
մը
թափելով
փողոցն
ի
վար։
Բադայինն
է։
Ըսողը
Տխուն
էր
դարձեալ,
բայց
դժուար
հասկնալի
է,
որ
աննպատակ
արտասանուած
բառ
մը
երբեմն
աշխարհի
մը
յուզում
արթնցնէ
իր
ետեւէն։
Ըսողը
օտար
է
յաճախ
այդ
ամէնուն։
Բայց
ինքն
ալ
կը
համակուի
ստեղծուած
հոսանուտով։
Կոստիկենց
Բադան
տաս
տարուան
հարս
է։
Վեց
տղու
մայր։
Բոլորն
ալ
շահ
ածեց
[1]
։
Տուն
կառավարեց
խելացի
ու
համեստ։
Մինչեւ
այս
օր
մէկը
անոր
«մուխը
դէպի
քեզ»
չէ
ըսած։
Բայց
անոր
ալ
պատմութիւն
է
պա
տատած
ծոցի
գիշերին։
Զաքարենց
Մարիամի
աչքին
առջեւն
է
հիմա,
յստակ՝
իբրեւ
թէ
երէկ
անցած
ըլլար,
վիճակը
մատաղ
հարսնուկին։
Ինչպէս
անիկա
դուրս
նետուած
փեսային
սենեակէն,
փողոց
դրուեցաւ,
անլուր
խաղքութիւնով
ու
հայհոյութիւնով։
Ի՛նչ
կու
լար
անիկա,
երդումը
թափելով
երդումին
վրայ,
իր
հօրը
գերեզմանէն
մինչեւ
սրբազան
լոյսը
վտանգելով
իր
աչքերուն։
Ինչպէս
պատուհանները
չշարժեցան
ու
ինք
վար
իջաւ,
ճիշդ
ասանկ
օդով,
առաւ
աղջիկը
ներս
ու
պահեց
մինչեւ
առաւօտ։
Ու
փառք
կու
տար
Աստըծոյ
իր
ըրածին
զինքը
«արժանի
կեցնելուն»
համար:
Վասնզի
համոզուած
էր,
որ
աղջիկը
մեղմ
չէր
ունեցած։
Անմեղութիւնը
նայիլ
կը
նայի
ու
չի
ծածկուիր:
Վերի
յարկին
տախտակի
հեծքեր
ետ
բերին
զինքը
երազանքէն։
Երեք
կիներն
ալ
ոտքի
նետուեցան։
Էրկան
Տչխուն
կամացուկ
բացաւ
դուռը
ու
ճեղքէն
հանեց
գլուխը
դուրս։
Լուռ
էր
սենեակը։
Հովը
հետզհետէ
կ՚ուժովնար։
Ու
անոր
աղմուկը
կը
յաղթէր
պզտիկ
ճիչերուն
տունին
խորքերէն
արձակուող։
Տրտմած
ու
նկուն՝
մտան
կրկին
իրենց
ծունկերուն
կապին
մէջ։
Ու
չէին
խօսեր։
Իրարմէ
վախնալնո՞ւն,
թէ
աւելի
գէշ
բանի
մը
սպասումին
մէջ
արձանացած։
|
Վայրկեան
մը
անոնց
սրտերը
անձկագին
պրկումէ
մը
անցան։
Ատիկա
սարսափը
չէր։
Ասիկա
գայթակղութիւնն
ալ
չէր։
Վերի
սենեակին
մէջ
իրարու
կու
գային
երկու
հզօր,
ամէն
բանի
կարող
անհատներու
գերագոյն
սրբութիւնները:
Ու
վտանգի
մը
պարագային
ոչ
մէկը
կրնար
ճիշդ
տեսնել
վախճանը
աղէտին։
Բադային
ամուսինը
գառնուկի
պէս
մարդ
էր։
«Ափ
մը
աղ
նետէ
բերանը,
ճմլէ՝
ձայն
չի
հաներ»,
կը
մտածէր
Էրկան
Տչխուն։
Հո՞ս։
Ու
դադրեցաւ
հետեւելէ
ենթադրութեան։
Աչքերը
կը
սեւնային։
56
Ու
ահա
վերէն,
դրան
ուժգին
ու
կատաղի
բացուածք
մը
ոտքի
նետեց
երեք
կիները։
Տչխուն
արդէն
կէսը
գտած
էր
սանդուխին։
Անոր
գլխին
կը
ցցուէր
հասակը
Զաքարենց
Զաքարին,
ճերմակ
շապիկով,
ճերմակ
անդրավարտիքով,
կուրծքը
կատարելապէս
բաց։
Ու
քիչ
անդին,
մերկ
սրունքներէն
մէկը
արիւնոտ,
փռուած
էր
դետինը,
աչքերը
գոց,
մեռելի
նման,
Հայրապենց
Նազիկը։
Կիսամերկ
էր
ան
ու
մազերը
հիւսքով։
Տշխուն
ներս
մտաւ
երկուքին
մէջտեղը։
Միւս
կիները
սանդուխին
կէսին
ստիպուած
եղան
կենալ։
Ու
անոնց
հատկտուն
շունչը
կը
պատուէր
լռութենէն։
Սպաննեմ
պըտը…
Խե՞նթ
ես,
ի՞նչ
ես։
Տշխուն
էր,
փորձ,
տաք
իր
ձայնովը,
ուրկէ
բոլորովին
չէր
փախած
կին
տարրը,
ան՝
որ
անպատճառ
ու
անմիջական
կազդի
արուին
վրայ։
Ան
երկարեց
բազուկը,
տիրական,
հաստատ
երկուքին
մէջտեղը։
Մէկ
ձեռքն
ալ
հանգչեցուց
տղուն
հաց
կուրծքին
ու
մեղմո՞վ,
թէ
ուժգին,
կիներուն
ուժը
այդ
պարագաներուն
չափողները
միայն
կրնան
զգալ
ատիկա
հրեց
ետ,
բաց՝
աղջկան
ասողութենէն։
Տշխունին
այս
յանդգնութիւնը,
անոր
իրական
տագնապը,
անոր
աչքերուն
սարսափահար
պաղատանքը
ու
կակուղ
միսերու
այս
անակնկալ
հպումը
մեղմեցին
դիւահար
տղան։
Սպաննող
բնազդը
արուին,
արիւնի
վարժուած
ու
անկէ
համ
առնող
երիտասարդի
վիճռականութիւնը
տեղի
տուին։
Ան
ներսէն
դուրս
նետած
էր
Նազիկը,
չսպաննելու
համար։
Բայց
ուրիշ
կիներու
ներկայութիւնը
ոտք
էր
հաներ
կրկին
իր
հպարտութիւնը։
Ան
շատ
մօտիկն
էր
ոճիրին։
Երկու
մատի
խաղ
կը
բաւէր
խղդելու
համար
այդ
պոռնիկը։
Տշխուն
իր
ջերմութեամբը,
եփած
կնոջ
իր
հրապոյրովը
կեցուց
անոր
բնազդը։
Բայց
այս
նահանջը,
կիրքը
ետ
հրելու
այս
քիչ
մը
վատ
համակերպութիւնը
միշտ
մաս
կը
կազմէր
անոր
նկարագրին։
Այս
անգամ
հակազդեցութիւնը
դղրդեց
անոր
մարմինը։
Անոր
կուրծքը
կը
նեղնար։
Լանջքին
տախտակները
անսովոր
ծերպերէ
օդ
ճարել
կ՚աշխատէին
այս
խղդուող
տղուն,
որ
կրնար
չսեղմուիլ
իր
ոսկորներուն
զրահին
մէջ
ու
ձաթիլ
մէջտեղէն։
Կեցած
էր
անոր
շունչը։
Ու
զարհուրելի
էին
աչքերը,
որոնց
ճերմակին
վերի
մասը
բռներ
էր
սեւ
արիւն
մը,
որ
կը
չարչարէր
կոպերը,
ու
անոնց
տակ
աղ
ջուրի
մը
այրուցքը
կը
ծաւալէր
ու
նայուածքը
անկարելի
կը
դարձնէր։
Բերանէն՝
բառի
տեղ
զսպուած,
կցկտուր
շշուկներ,
սուլումի
պէս
սողոսկուն,
աւելի
վերջը
տեսան,
որ
փրփուր
ալ
կը
ծամէր։
Ու
ակռաներուն
տակ
գազանային
լանկերգը,
ճմռթուած,
արիւնոտ
ու
խուլ՝
Սպաննե'մ
պըտը•••
Մայրը
հասած
էր
արդէն։
Ան
փաթթուեցաւ
իր
տղուն։
Ու
բազուկները
ուժով,
անդիմադրելու
էին
այդ
պահուն։
Առջիդ
մեռնիմ,
զաւակս։
Առջիդ
մեռնիմք։
Չկրցաւ
շարունակել։
Յուզումը,
սիրտին
սաստիկ
զարկը,
լերան
պէս
երիտասարդ
•
մը
զսպած
ըլլալու
իր
միամիտ
պատրանքը
արգելեցին
իր
բառերը։
Ու
կը
տեւար՝
գլուխը
թաղած
անոր
կուրծքին
մէջ։
Իր
յուզումը
լաց
չեղաւ։
Յետոյ,
ի՞նչ
կախարդական
բանաձեւ
էր,
որ
ելաւ
բերնէն,
ինքնիրեն,
յաղթելով
ամէնուն։
Օտարին
պոռնիկի՞ն
համար:
Հանգչեցաւ։
Մեր
բառերը
երբեմն
ուժով
են
մենէ։
Ուրկէ՞
գտաւ
այս
մտածումը։
Ու
ապահով
անոր
տպաւորութենէն,
ամբողջ
սէր
ու
մայր՝
ան
կրցաւ
ըսել։
Չէ՛,
օղուլ,
չէ՛,
առջիդ
մեռնիմ,
զաւակս։
Մեղք
է
արեւուդ։
ԹԷ՛
ձայնը,
թէ՛
ծերութիւնը,
թէ՛
մտածումը
ազդեցին
արտակարգ
ճշդութեամբ։
Մէկէն,
տախտակամածին
երկարած
աղջիկը
դադրեցաւ
անոր
համար
իմաստ
ունենալէ։
Ու
մէկէն
անոր
մօրը
այսքան
մեղաւոր
անցեալը
բացուեցաւ
իր
դիմաց
ու
հեռացուց
անոր
աղջիկը
օտար
հողերու։
Զաքարենց
Զաքարը
կը
ճանչցուէր
իբր
մէկը,
որուն
բերանին
բառը
պարապ
չելաւ
երբեք։
Աւելի՛ն.
անոր
անգթութիւնը,
որուն
փորձը
տուած
էր
քանի՜-քանի՜
անգամներ։
Ու
մտքերուն
մէջ
թարմ
էր
ողբերգութիւնը
վրանի
մը,
որուն
թիւրքմէնները
սուրէ
անցուցած
էր
օրօրոցէն
մինչեւ
ծերուկը,
տասներկու
հոգի։
Ու
սարսափելին
այն
էր,
որ
անիկա
նախճիրը
գործադրած
էր
թուրքէ
մը
աւելի
հաշիւով
ու
անողոք։
Ու
այրած
վրանը,
դիակները,
առանց
պզտիկ
հետք
մը
ձգելու
սպանդէն:
Սուտի
մը
պէս
այս
պատմութիւնը
նուիրագործեց
անոր
համբաւը։
Կառավարութիւնը
բանտարկեց
զայն
ու
Հաճիին
միջնորդութիւնը,
փաստերու
պակասը
ազատեցին
զինքը։
Այն
օրէն
ասդին
անիկա
գեղին
ուժերէն
մէկը
նկատուեցաւ։
Ու
կը
դողար
անոր
արեւին
մայրը։
Ու
կը
սիրէր
անոր
արու
ու
հայկական
քաջութիւնը
իր
գեղը։
Աւազակներու
դէմ՝
անիկա
չսակարկեց
իր
արիւնը։
Երեք
անգամ
գնդակ
կերաւ
ու
առողջացաւ։
Ու
անոր
պարկեշտութի՛ւնը,
որ
սուրբի
մը
պէս
ցանկալի
ըրաւ
իր
նայուած
Քը։
Այս
ամենը
բնազդական
ճամբով
մը,
ու
արագ
ու
զօրաւոր,
տեսաւ
մայրը,
որ
անցաւ
իր
մտքէն։
Ու
անցաւ
նոյն
գիծով
նաեւ
Հայրապենց
տունին,
Նազիկին
մօրը
«գմբէթ»
նետած
մեղքին,
ու
Հարսնցուին
ու
բոլոր
ծակ–պտուկներուն:
Թիլեց
Բադան,
բայց
իր
սիրտը
չվկայեց
ի
նպաստ
Նազիկին։
Ու
պատուհասները,
որոնք
աղչիկները
կու
տային
իրենք
իրենց։
Ի՞նչ
հարկ՝
պատուհասում
է
գործը
առնելու
անոնց
ձեռքէն
ու
յանձնելու
սա
առիւծ
տղուն,
որուն
մէկ
մազն
անգամ
չէր
փոխեր
այդ
պոռնիկներու
սերունդին
հետ։
Կը
բաւէր
աղջիկը
փողոց
նետել։
(Մտքէն
չանցաւ
Հաճիին
վտանգը)։
Վճիռը
կանուխ
կամ
ուշ
կը
պարտադրէր
ինքզինքը։
Ծակ–պտուկները
չէին
ապրեր։
Եթէ
անոնք
չսպաննէին
իրենք
զիրենք,
դեղը
իր
արհամարհանքին,
դանդաղ
ու
անզգամ՝
ծաղրանքին
տակ
կը
չորցնէր
զանոնք։
Կամ,
ինչ
որ
նոյնն
էր,
անոնք
կ՚երթային
մօտիկ
գեղերու
հարս,
աղքատիկ
կամ
հրէշային
էրիկները,
որոնք
իրենց
ծննդավայրին
մէջ
աղջիկ
չէին
կրնար
ճարել։
Ու
այդ
օտարութեան,
զրկանքին,
տառապանքին
մէջ
կը
բաւէին
մեղքը։
Տշխու
Հարս,
վար
տար։
Անհուն
էր
նախադասութեան
ժահրը։
Մայրը
սկսաւ
շոյել
տղուն
մազերը,
որոնք
սուր
էին
խոզանակի
կռնակին
պէս։
Էրկան
Տշխուն
գրկեց
աղջիկը,
որ
նուաղա՞ծ
էր,
թէ
կը
կեղծ
էր,
չկրցաւ
գիտնալ,
ու
տարաւ
վարի
սենեակը։
Մայր
ու
տղայ
առանձին
էին
սրահին
մէջ։
Տղուն
շունչը
ուժգին
էր
տակաւին։
Բայց
մայրը
վստահ
էր,
թէ
կոտրած
էր
ոճիրին
զսպանակը։
Մէկէն
դող
մը
ցնցեց
այդ
ամեհի
երիտասարդը։
Կարծես
մարմինին
կազմածը
պիտի
բակուէր
իր
հիւսքերէն։
Մայրը
կը
զգար
ասոնք,
ու
կը
խորհէր
մեծ
աղէտնելու։
Դողին
յաջորդեց
ձգտուած
կարծրացում
մը,
որ
ետ
ըրաւ
իր
մօր
բազուկները,
առանց
որ
տղան
շարժում
մը
փորձէր։
Ու
անոնք
իրարմէ
բաժնուած
էին։
Մայրը՝
պզտիկ,
հակած
դէպի
հոյակապ
իրանը
իր
տղուն,
որուն
նայուածքը
կ՚աշխատէր
նայիլ
ու
չէր
կրնար:
Վարի
սենեակին
դուռը
բացուեցաւ
ու
գոցուեցաւ:
Երկուքն
ալ
վախցան։
Կարծես
կամ
չնային
օտարներէն։
Օտարին
ներկայութիւնը
տղուն
վիշտը
բերաւ
մարդկային
սահմաններուն։
Իր
բոլոր
անգթութեամբը՝
Զաքարենց
Զաքարը
աղջկան
մը
նման
գորովոտ
էր
ու
բարի։
Ու
խելքը
կը
հասնէր
սա
ողբերգութեան։
Ո՞վ
էր
յանցաւորը։
Ինչո՞ւ
իր
գլխուն
կը
բանային
այս
դժոխքը։
Ու
տկարացաւ,
թաղեց
գլուխը
մօրը
ծոցին։
Սկսաւ
հեկեկանքը,
այն
չբացուող,
չաւարտող,
ելլալ
չկրցող
հեկեկանքը,
որ
սուր
հիւանդութեանց
մէջ
նշանն
է
մահուան։
Կիները
կը
ճանչնան
ատիկա։
Մայրը
խելայեղ
ձայնով
լաց
մը
ձգեց,
մեղմ
ու
լացնող։
Ատիկա
կ՛ընէր
առանց
գիտնալուն։
Բայց
լացը
անցաւ
տղուն։
Հեկեկանքը
յստակցաւ,
աչքերը
վազեցին
ու
կուրծքը
միացաւ
արցունքին։
Ազատումին
նշանն
էր։
Անոնք,
որ
չէին
կրնար
լալ,
կը
խղդուէ
ին։
Մայրը
սփոփուած՝
համբուրեց
տղուն
աչքերը։
Լա՛ց,
տղաս,
լա՛ց,
կըսէր,
ինքն
ալ
լալով։
59
.
Ու
անոր
մատները
հին
ու
նուիրական
գգուանքը
գտան
վերըստին
ու
խօսեցան
տղուն
ճակատին,
մազերուն,
կրկին
ճակատին,
շետոյ
ուսերուն,
կուրծքին,
անկէց
աչքերուն՝
անա'նկ
գորովոտ,
անա'նկ
սրտանց
ու
համաժամանակ,
որ
տղան
ցանկացաւ
լքեց
ինք
զինքը։
Անոր
շունչը
քիչ-քիչ
կ՚իջնար
իր
կանոնին։
Մայրը
զգաց
իր
մսին
վրայէն
այդ
նուազումը։
Հովը
պատուհանին
ծակտիկներէն
ձիւնի
հատիկներ
կը
նետէր։
Ցուրտը
դպաւ
անոր
մերկ
կուրծքին,
որ
պաղեր
էր։
Ել,
տեղդ
պառկէ։
Արցունքները
չորցնելով՝
տղան
նայեցաւ
տխուր,
ճիշդ
մանկան
մը
պէս,
որուն
ամէնէն
սիրած
խաղալիքը
կը
կոտրի։
Աչքերը
կը
բաբախէին,
ու
առարկաները
շարժուն
կը
թուէին
իր՛
շուրջը։
Արցունքը
չէր
կրցած,
իր
վազքին
մէջ,
մաքրել
արիւնին
լերդացած
կտորները,
որոնք
նայուածքը
կընէին
պղտոր,
կտրուած
կաթի
պէս։
Բայց
այդ
աւերակին
մէջէն
կարելի
էր
կարդալ
անոր
ընդհանուր
իմաստը,
―
անհուն
Հիասթափում,
նոյնքան
մըն
ալ
ամօթ։
Վաղը
առտո՞ւն։
Ի՛նչպէս
երեւալ
գեղին
մէջ։
Ի՛նք,
Զաքարենց
Զաքարը:
Ցանկարծ
իր
մտքին
մէջ,
ուրուականի
մը
նման
տնկուեցաւ
Հաճի
Ստեփանը։
Ու
զգաց
անխուսափելին։
Անոր
հետ
չափուելու,
սպաննելու,
սպաննուելու
հեռապատկերները
եկան
ու
գացին։
Այս
երեումը
զայն
բոլորովին
զինաթափ
ըրաւ
իր
կատաղութեան,
վշտին
ու
նուաստացման
մէջ։
Աղջիկը
դադրեցաւ
զինքը
գրգռելէ։
Ան
իր
էրիկմարդութեան
վայլող
մրցորդը
գտած
էր:
Աղջկանը
մեղքին
պատուհասը
պիտի
տար
անոր
հայրը։
Ու
հպարտութիւն,
հերոսութիւն
իսկ
կար
այդ
պահանջումին
մէջ։
Պառաւը
չհասկցաւ,
թէ
իր..
գիրկին
մէջ
ուրկէ
ինկաւ
այս
խաղաղութիւնը
իր
տղուն
վրայ:
Հովի
նոր
յորձանք
մը
յարձակեցաւ
լոյսին
վրայ,
որ
հատաւ
ու
նորէն
Հաւաքեց
իր
թելերը։
Այն
ատեն,
առանց
բառի,
մայրը
առաւ
զայն
անոր
ուսերուն
տակէն,
որոնց
հազիւ
կը
հասնէր
հասակը,
ու
երեք
տարեկան
մանուկի
մը
պէս
զայն
մեղմով
քչեց
դէպի
սենեակը։
Դպաւ
դուռին,
որ
գոցուեցաւ
ու
լամպարին
ջղաձգութիւնները
հանդարտեցան։
Արագ
ու
ամօթահար
ակնարկով
մը
տեսաւ
վերմակին
չարչարուած
տեղը,
սաւանին
ծալաւոր
բայց
ճերմակ
հասակը։
(Մտքովը
գնաց
իր
հարսնութեան
առագաստին
ու
թեթեւ
հպարտութիւն
մը
շողաց
ու
անցաւ
իր
դէմքէն)։
Վերցուց
զայն
անկողինէն,
անհուն
զզուանքով։
Առաւ
սնտուկին
վրայէն
միւսը,
Քահեստը,
զոր
իր
ձեռքովը
դրած
էր
հոն
քանի
մը
ժամ
առաջ։
Յետոյ,
առանց
զգացնելու
թեթեւ
մը
հոտոտեց
վերմակը,
զոր
գտաւ
ապականուած
ու
փոխեց։
Այսպէս
սրբուած
գեղին
մեծագոյն
մեղքէն
60
-
ու
ամօթէն,
իր
տղուն
անկողինը,
հոն
առաջնորդեց
զայն,
որ
հնազանդ
էր
ու
կամազուրկ՝
գառնուկի
մը
պէս։
Անկարելի
էր
բոյս
համակերպութեան
մէջ
կարդալ
վիշտ
կամ
զայրոյթ։
Յետոյ,
առանց
լոյսը
փչելու
կը
վախնար
չարերէն
[2]
շօշափեց
անոր
բարձին
տակ
փրկարար
դանակը,
որմէ
կը
կապուէին
ոգիները,
ու
ելաւ
դուրս,
դուռը
շատ
մեղմ
փակելէն
ետքը:
Երկու
կիները
երեսի
վրայ
ձգած
էին
բազմոցին՝
հարսնուկը
եւ
կուկուզ
ըրած
կրակին
դէմ։
Անոնք
բառ
չէին
փոխանակած
հետը:
Ու
անիկա
ոչ
մէկ
շարժում
էր
փորձեր։
Ցածուկ
առաստաղէն
լոյսը
ինկեր
էր
անոր
երեսներուն,
որոնք
կը
վառէին
արտակարգ
կարմիրով։
Իր
բոլոր
թշուառութեանը,
իր
բոլոր
ցեխին
մէջ
հոյակապ
էր
անոր
աղուորութիւնը,
որուն
վրայէն
անցեր
էր
կիրքին
ու
վայելքին,
գերագոյն
յուզումին
ու
անասելի
ամօթին
ճպոտը
ու
ոտք
հանած
անոր
ամբողջ
լարերը:
Կեսուրը,
լուրջ
ու
թշուառ
ու
ողբագին՝
ձեռքերը
ծունկերուն,
քիչիկ
մըն
ալ
կորաքամակ՝
կեցաւ
անոր
դէմ
ու
նայեցաւ
սուր,
վայրագ,
անողոք։
Այնքան
թափանցող
էր
եւ
ուժով
այդ
նայուած
քը,
որ
աղջիկը
ստիպուեցաւ
գոցել
իր
աչքը։
Բա՛ց
աչքերդ։
Զաքարենց
Մարիամին,
արդարութեան
ձայնն
էր,
որ
Հնչեց
սուր,
վայրագ,
անողոք:
Հարսը
չշարժեց
թարթիչները։
_
Բա՛ց
աչքերդ,
կըսեմ
քեզի.
Աստըծոյ
կրակին
գաս։
Բա'ց
աչքերդ։
Պառաւին
բառերը
կը
ծակէին
սիրտը,
աւելի
խիստ,
քան
դաչոյն
մը։
Ու
անկարելի
էր
մտիկ
չընել
այդ
հրամանին։
Դեռ
երկու
կիները
իրար
չէին
կշռած
ու
Նազիկը
չէր
գտած
իր
ջիղերուն
կծիկը։
Ենթակայ
ու
աղջիկ՝
ան
բացաւ
աչքերը,
աշխատելով
չդողալ։
Բայց
թարթիչները
կարծես
կը
պատռուէին։
Ան
կրցաւ
դէմը
նայել։
Ինծի,
ինծի՛,
ձայնեց
պառաւը,
աւելի
կտրուկ,
սանկ
ամուր,
պի՛նդ
ինծի
նայէ։
Աղջիկը
մտիկ
ըրաւ
ու
բիբերը
ղարձուց։
Բայց
անկարող
եղաւ
հանդուրժելու
պառաւին
նայուածքը,
որ
կրակի
լեզուի
մը
պէս
ծակեց
իր
աչքին
ցանցը
ու
հասաւ
թաքուն
խղճմտանքին
ու
զայն
դղըրդեց։
Նուաղումի
նման
բան
մը
բարձրացաւ
խայթուածքին
բերանէն։
Մատնած
էր
ինքզինքը։
Տկարացաւ
ու
գոցեց
թարթիչները։
*
61
Ձունը
մեր
գլխի՞ն,
Տշխու
Հարս...
ողջ–ողջ
թաղեցէք
ինծի։
Ու
չկրցաւ
չարունակել։
Անիկա
մեղքը
գտած,
ստուգած
էր
նայուածքին
խորը։
Այդ
պահուն,
հազուադէպ
յստակութեամբ,
ան
փչեց
Կոստիկենց
Բադային
ազատ
ու
անմեղ
աչքերը։
Նազիկը
պոռնիկ
մըն
էր։
Յանկարծ,
իր
մաքուր
կնիկի,
պատուախնդիր
մօր
բոլոր
հպարտութիւնը
խուժեց
իր
վրայ,
կարկուտի
տարափ
մը
կարծես,
որ
ծեծեց
զինքը։
Ինքն
ալ
կի՞ն
էր
եղած
ու
ապրած
այն
վտանգներուն
մէջ,
որոնք
կիներուն
«փուչին
կը
հետեւին»,
ինչպէս
կը
բացատրէր
գեղին
փոխաբերութիւնը:
Բա՞յց։
Վերցուց
ձեռքը,
իջեցնելու
համար
զայրոյթի
բռունցքը։
Կարծես
իր
աղջիկը
ըլլար։
Այս
մտաւոր
մերձեցումը
թուլցուց
իր
բազուկները,
նոյն
արագութեամբ:
Մեղմացաւ։
Մարդկայինը
երեւան
կու
գար
իր
կիրքին
մէջ։
Անոր
ձեռքերը
ինկան
իր
ծունկերուն,
անզօր
ու
համակերպած,
զսպանակէն
աւրուած
շարժումներուն
պէս։
Մուրս
ի
վրաս...
մուրս
ի
վրաս...
Տէ՜ր,
հեկեկաց,
շարունակել
կրնալու
համար։
Պարզուած
էր
իր
ամբողջ
դաժանութիւնը։
Ի՞նչ
էր
մեր
մեղքը,
էյ
Կապուտուո՜ր...
Ու
ամբողջ
ստրջանք,
ու
գութ,
ու
կորով
էր
այս
անգամ
արցունքը,
որ
բառերուն
հեղուկը
ըլլար
կըսես։
Ու
իր
տունին
լայն
ու
տիրական
ամօթին
չափ
անիկա
հասկցաւ
մարդկային
թշուառութիւնը
սա
որքին,
որուն
սպասող
աղէտը
անողոք
էր
ու
ճակատագրական։
Անիկա
միշտ
ալ
խաչով,
Ցիսուսով,
սուրբերով
մտիկ
ըրած
էր
ծակ–պտուկներուն
տրամները։
Ու
գիտէր
փորձանքը
ատ
անմուրազ
«Հարսներուն»։
Ու
զղջաց
քիչ
առաջուան
իր
շեշտին
չարութեան
վրայ։
Բայց
իր
միտքը
կանգ
առաւ
այս
զառիթափին
վրայ։
Իր
տունին
մէջն
էր
ան։
Ու
անդրադարձաւ
իր
տղուն,
որուն
երիտասարդի
արիւնէն
կարելի
էր
ամէնէն
սելաւոր
բաները
կասկածիլ։
Որ
կրնար
հիմա
իջնել
վերէն,
ու
չորս
մատով,
հաւու
ճիտին
պէս
ոլորել
անոր
վիզը
ու
փրցնել,
ինքն
ալ
երթալ
փտիլ
զնտանին
մէջ
ու
քաւել
այս
արդարութեան
հարկադրանքը։
Ու,
ամէնէն
բարեբախտ
պարագային,
տարիներով
խղճին
վրայ
պիտի
պահէր
այս
անլուր
ամօթին
խարանը
ու
պիտի
պտըտցնէր
իր
երիտասարդութեանը
հասցուցած
այս
վատ
վիրաւորանքը։
Ու
գաղափարներու
այս
շղթայէն
անիկա
հասաւ
աւելի
դժնդակին
տղուն
եւ
Հաճիին
մէջտեղ
անխուսափելի
բախումին,
որուն
վախճանը
եղերական
էր
ո՛ր
կողմէն
ալ
նայէր:
Դրաւ
ձեռքը
ծնօտին։
Մտածումները,
իրենց
փոխուելովը,
կը
դարձնէին
նաեւ
անոր
արտայայտութիւնը
երեսներէն։
Օճախին
մէջ
62
կրակը
հասած
էր
հարսանեկան
շքեղութեան
ու
պզտիկ
սենեակը
լուսաւոր
էր
բացառիկ
առատութեամբ:
Աքաղաղին
երկրորդ
կանչը
զինքը
կրկին
իրականութեան
դարձուց։
Ձիւները
պատռող
ու
աղէտներ
գուժող
բան
մը
կար
այդ
ճիչին
մէջ։
Երեք
կիները
ունեցան
նոյն
մտմտուքը։
Ի՛նչ
ընէին
պիտի։
Կարելի
չէր
տունին
մէջ
պահել
ծակ–պտուկը
մինչեւ
առտու:
Բադան
անգամ
չպահեց
անոր
խելօքիկ
էրիկը,
թէեւ
գիտէր,
թէ
մեղք
չէր
ունեցած
աղջիկը։
Բայց
ո՞ւր
ղրկել
այս
ձիւնին։
Ու
յատկանշական
էր,
որ
Հայրապենց
տունը
չէր
այցելեր
երեքին
ալ
մտքին։ .
Ու
կը
նեղուէր
պառաւը։
Էրկան
Տշխուն
անճարակ
դուրս
կու
գար
ու
չէր
արժեր
իր
լեզուն
ու
իր
համբաւը։
Իրականը
այն
էր
սակայն,
որ
բարքերը
փոխուելու
վրայ
էին:
Ու
դիւրին
չէր
օտարին
աղջիկը
ատանկ
կէս–գիշերներուն
փողոց
նետել
փեսաներուն
կամ՝
կեսուրներուն
«Հաճոյք»ին
համար,
ինչպէս
վճռած
էր
երկու
տարի
առաջ
կառավարութիւնը,
պատժելով
բանտով
ու
տուգանքով
մայր
մը
ու
տղայ
մը։
Բժիշկները
քննեցին
աղջիկը
ու
մեղաւոր
գտան
«անճարակ»
փեսան։
Ու
մէկէն
մռայլ
ու
սեւ
հետաքրքրութիւնը
պառաւին
մէջ,
որ
միւսներուն
մօտ
վերածուեցաւ
տխուր,
ախտավարակ
բանի
մը։
Ո՞վ
է…
հարցուց
պառաւը
ու
կեցաւ,
նայելով
քովիններուն:
Աղջիկը
կարծես
զարմացած
հարցումին
յապաղումէն,
հանդարտ
պտըտցուց
նայուածքը
անոնց
վրայ
ու
իրեն
հոգին
կը
տեղաւորուէր
իր
մարմինին
մէջ։
Անիկա
կը
սպասէր
այդ
գերագոյն
վ
ճակին
ու
պատրաստուած
էր
ատոր
ամիսներու
մարզանքով
մը։
Իրեն
երեւակայածին
պէս
կը
սկսէր
տեսարանը։
Ու
գոգ
էր,
առաջին
անգամ՝
հարսնիքէն
ի
վեր,
վասնզի
դէպքերը
քալած
էին
իր
շինածէն
տարբեր
ճամ
բայով,
ու
զինքը
ձգած
էին
վայրկեաններուն
դէմ
ու
ճակատագրին
դէմ
բոլորովին
առանձին։
|
Ան
գոցեց
աչքերը
ու
կապեց
լեզուն։
Այս
հանդարտ,
հաշիւով
ու
քիչիկ
մըն
ալ
արհամարհոտ
լռութիւնը
խթանի
պէս
ծակծկեց
Զաքարենց
Մարիամին
հպարտութիւնը,
ցրուեց
անոր
մէջ
գոյանալ
առնող
արգահատանքը
ու
դժնդակ
Հակազդեցութեամբ
մը
զայն
նետեց
անյատակ
ու
անկարող
զայրոյթի
մը
մէջ։
Անիկա
ուժգին
թօթուեց
հարսին
մազերը։
Ձայնը
խիստ
էր
ու
պաղ՝
մետաղի
նման։
Անոր
չորցած
մատներուն
կծիկ
մը
դեղին
մեջ
կառչեցաւ։
63
Աղջիկը
պրկեց,
տաժանագին
պրկումով
թարթիչները։
Իր
անցեալն
ալ
օգնութեան
կը
հասնէր
ու
վայրկեանին
իրականութեան
կ՚աւելցնէր
մտածուածին
բաժինը։
Վճռեց
չքանալ,
մահուան
իսկ
գնով։
Կարծես
այդ
որոշումը
պողպատէ
կղպանքի
մը
պէս
փակեց
ու
գամեց
իր
կզակները։
Շրթները
հիւսուեցան
իրարու
կորսուելու
աստիճան
դէմքին
ընդհանուր
կաղապարին
մէջ։
Այն
ատեն,
այդ
պէս
այլայլուած,
անիկա
կը
նման
էր
տասը
տարեկան
աղջկան
մը,
ուր
սեռը
չենք
տեսներ:
Այնքան
ինքը
փախած
էր
իրմէ։
Կիները
տեսան
ատիկա
ու
շուարեցան։
Էրկան
Տչխուն
շարժեց
իր
փորձառու
գլուխը
ու
եզրակացուց:
Կը
մեռնին,
չեն
ըսեր:
-
Ճիշդ
կը
խորհէր
ապրած
կինը։
Անուն
մը՝
նոր
արիւններու
գրգիռ
մը
միայն
կըլլար
միշտ։
Հեքիաթն
ու
պատմութիւնը
համակարծիք
էին
այդ
կէտին
վրայ։
Ու
աղջիկները
շատ
քիչ
անգամ
հասցէ
ցոյց
տուին։
-
Բայց
նախադասութիւնը
մեղմացուց
աղջկան
գիծերը։
Սեռը
վերադարձաւ
մէկէն։
Քիչ
առաջուան
«փորձանքն»
էր
նորէն։
Տեսակ
մը
հոգեբանութիւն,
հով
ողողեց
զինքը։
Կարծես
ուրախ
էր
այս
ամէնուն
համար։
Ու
ինքզինքը
լաւ
զգալու,
իր
բնական
խորքին
դառնալու,
ու
անկէ
դէպի
զգլխանքը
տարածուելու
այս
զգայութիւնները
այնքան
որոշ,
արտաքին
էին,
որ
կիները
վիրաւորուեցան,
այս
անգամ՝
ընդ
նշմարել
կարծելով
«տուներէ,
օճախներէ
հեռու»
վիճակը,
որուն
մէջ
կիները
կը
մտնեն
ինքզինքնին
ծախելով։
Կատաղեցաւ
Զաքարենց
Մարիամը,
որ
գտաւ
ամէնէն
անողորմ՝,
սպաննող
շեշտը,
խղդվու
քով
բայց
տաժանօրէն
յստակ
բանաձեւը,
պոռալու
համար
անոր
երեսին,
Դուրս
տունէս,
պոռնիկին
աղջիկը։
Երկրորդ
«դուրսը»
չկրցաւ
արտասանել։
Պառաւին
բառերը
ցած
էին,
բայց
անհաւասարելի
ժահրով։
Այդ
հեւուքին
մէջ
անիկա
դրաւ
կէս
դարու
մաքրութիւն,
զոհողութիւն,
պատիւ
ու
ինչ
որ
մեր
կիներուն
աստուածային
առաքինութիւնը
եղաւ:
Անիկա
վճռեց
ժամ
առաջ
դուրս
հանել
տունէն
այս
դեւի
ձագը։
Տղան
կրնար
գալ։
Ու
դուռը
բացուեցաւ:
Երեք
կիներն
ալ
անակնկալի
եկան։
Այնքան
անաղմուկ
տեղի
ունեցած
էր
այս
խուժումը։
Զաքար
ներս
մտաւ:
Հագած
էր
հանդիսաւոր
օրերու
զգեստները,
երբ
գլուխը
կանցնէր
փախցուելիք
ծխախոտի
թափօրին։
հսկայ
գօտիին
փաթէն
դուրս
ընկած
էր
վեցհարուածեանին
մռայլ
կոթը,
որ
սեւ
կմախքի
մը
պէս
կը
նստէր
կարմիր
շրթունքին։
Ու
վեց
թիզ
հասակով
սուրը
կը
մտնէր
կրկին
անոր
գօտիին
վերէն
ու
դուրս
կ՚ելլէր։
Անոր
եղջերաւոր
գլուխը
ու
ոսկեգունտ
պոչը
պատրանքը
կը
գեղեցկացնէին։
Ոտքին
իր
փառաւոր
մոյկերը,
որոնք
սրունքներուն
վրայ
սրունք
մըն
ալ
կը
դնեն։
Այսպէս
հագուած
ու
այսպէս
զրահուած՝
անիկա
հպարտութիւնն
էր
տունին.
քաջութիւնն
ու
պատիւը՝
գեղին։
Երեք
կիները
ինկան
անոր
ոտքերը։
Յետոյ,
ատիկա
անբաւական
գտնելով՝
ելան
ծունկի
ու
ամէն
մէկը
կառչեցաւ
ո՛ւր
որ
հանդիպեցան
ձեռքերը։
Ու
անոնք
փաթթուած
անոր
սրունքին,
բազուկին,
մէջքին,
կը
դողային,
իրենց
հետ
դողացնելով
հսկայ
երիտասարդը
ու
մոռցած
էին
աղջիկը,
որ
մնաց
յստակ
ու
բարի։
Մանաւանդ
անվախ,
տղուն
նայուածքէն։
Դո՛ւրս
ելէք։
Զաքարն
էր,
ձայնը
կտրուած,
պարպուած
ամէն
կնիքէ։
Չէ
զոք
ու
նոյնիսկ
էգ,
ինչպէս
նկատեց
աղջիկը։
Բարկութեան,
յուղումի
ոչ
մէկ
երանգ:
Կիները
չշարժեցան։
Ոչ
ալ
լքեցին
իրենց
գրաւած
կէտերը։
Խենթութիւն
էր
աղջիկը
ձգել
այդպէս,
գլուխ
գլխի՝
մարդը
հաւու
պէս
մորթող
երիտասարդին
հետ:
Նուաստ
ու
մռայլ
բան
մը
կար
տեսարանին
վրայ։
Լեռներուն
ու
կիրճերուն
հրամայող
աս
տղան,
որուն
նման
սրտոտ
ու
զօրաւոր
մէկը
չունէր
դեռ
գեղը,
առանց
իր
ուզելուն
ձեռքն
էր
ինկած
կնիկներուն՝
ու
սուրով
ու
հրազէնով։
Վտանդի
պահուն
զինքը
չի
տեսներ
մարդ։
Տղան
այդ
զինաւորումը
տուած
էր
իր
անձին,
հաւանական
ոճիրի
մը
յաճախանքին
տակ։
Ան
վար
էր
իջած,
գտնելու
համար
Հաճի
Ստեփանը
ու
անկէ
անդին
չէր
կարելի
մտածել։
Լեղի
հետաքրքրութիւն
մը
զինքը
չեղած
էր
կիներուն
սենեակը։
Դո՛ւրս
ելէք
կըսեմ
ձեզի։
Էրկան
Տչխուն
փորձեց
խօսիլ:
Դո՛ւրս
ելէք։
Շեշտը
տաք
էր
քիչ
մը։
Կիները
կը
տառապէին
կրկնակ
միտքերու
պայքարին
մէջ։
Մայրը
կը
ճանչնար
իր
տղան,
որ
այդ
հանդարտ
վիճակին
մէջ
մրջիւն
մը
անգամ
կը
խնայէր։
Բայց
աղջի՞կը։
Ու
յիշեց
քիչ
առաջուան
իր
զայրոյթը։
Ելէ՛ք:
ետքը
կու
գաք։
Կը
մորթես,
տղա՛ս։
Մայրն
էր,
սրտառուչ,
խեղճ
ու
պաղատաւոր։
Գութն
ու
վտանգին
սեւը
զոյգ
էին
իր
բառերուն
վրայ։
ՉԷ՛,
մամա,
չէ։
Ու
շեշտը
այնքան
իրաւ
էր,
որ
մայրը
հաւատաց։
65
Երդում
ըրէ:
Հօրս
գերեզմանին
վրայ:
երդում
քեզի։
Չեմ
մորթեր։
Քաջ
ու
ամբողջ
էրիկ
մարդ
այս
երդումին
մէջ
այնքան
լուրջութիւն
ու
իրաւ
կար,
որ
կիները
համակուեցան
անով։
Կրկնել
չտուին
ու
դուրս
ելան,
դրան
տակը
սպասելու:
Հայրապենց
Նազիկը
մինակ
էր
վերջապէս
գեղին
ամէնէն
անգութ
երիտասարդին
հետ։
Դեռ
հիմա
կանդրադառնար
ատոր,
վերի
սենեակին
մղձաւանջը
չընդունելով
ու
մոռնալով։
Ու
չէր
վախնար։
Այս
արիութիւնը
զգայարանքներու
հոսում
մըն
էր
իր
մէջ,
այն
զգայարանքներուն,
որոնք
վտանգի
բացառիկ
պահերուն
կը
չքանան
կը
կարծ
ենք,
բայց
որոնք
կաշխատին
տագնապին
ամբողջ
ընթացքին,
սպասելով
ամպրոպին
անցնելուն։
Ու
փոխանակ
սոսկում
են,
կեանքի
անձուկին,
դանակին,
անիկա
իր
մէջ
հաստատեց
միւս
այրուցքը,
սկրթուքը,
զոր
անոր
շրթունքները
արթնցուցեր
էին
քիչ
առաջ
իր
կուրծքին
ու
միսերուն
վրայ։
Ու
անոր
բազուկներուն
ապահով
աղեղին
մէջ
տեսա
ինքզինքը
նորէն,
ինչպէս
առաջ,
երբ
մեծկակ
կատուի
մը
պէս
առած
էր
զինքը
անոնց
առնութեանը
մէջ
ու
սեղմած,
գորվով,
փափուկ,
ուժով։
Ինչո՞ւ
կրկնուեցան
այս
զգայութիւնները,
երբ
սա
երկաթներու
մէջ
պլլուած
մարդէն
ուրիշ,
շատ
որոշ
ուրիշ
սարսուռներ
աւելի
բնական
պիտի
գային։
Ինչո՞ւ,
սա
բացառիկ
վտանգին
դիմաց,
անիկա
չէր
մտածեր
իր
գլխուն,
այլ
կանդրադառնար,
բռնի
ու
հրուած,
անանուն
քաղցրութեան
ու
խռովքին,
զոր
հոսեցուցեր
էր
իր
մէջ
մերձեցումը
անոր
մարմ
ինին։
Տոգորուած
էր
անիկա
սիրողի
այն
երանութեամբ,
որ
առանձնութիւնը
կը
ծաւալէ
զոյգին
շուրջը
ու
կը
սպասէր,
որ
անոր
ձեռքերը
երկննային
իրեն,
պուպրիկի
մը
պէս
վերցնէին
զինքը
կուրծքին,
կամ՝
մորթէին։
Երկու
վիճակներն
ալ
կը
պատկերէր
նոյն
ուժգնութեամբ,
նոյն
առքով
ու
երանութեամբ։
Յետոյ,
զգաց
ցաւեր,
համբուրուած
կէտերէն։
Ցաւեր՝
փորէն,
ու
բազուկներէն,
զիստերուն
ու
ծիծերուն
վրայ։
Ու
սոսկալի
զուգորդութեամբ
մը
փռուեցաւ
իր
դէմ,
երկաթէ
մարդուն
ոտքերուն
տակ
ու
աչքերուն
առջեւ
երեք
ամիս
առաջուան
մինակութիւնը,
Օլակենց
Թումասին
հետ։
Այս
դէմ
ընդդիմումը
բացատրեց
իրեն
իր
մեծագոյն
խորհուրդը։
Անիկա
տեսաւ,
ու
շատ
յստակ,
թէ
ինչ
որ
կինն
էր
իր
մէջ,
տակաւին
չէր
առնուած,
չէր
նուաճուած։
Թէ՝
էրիկ
մարդը,
այդ
տարրը
դեռ
դուրս
էր
իրմէ։
Ու
այս
գիշերուան
զգապութիւններով,
ու
այր
տարրին
այսքան
իրեն
մօտ
թրթռումէն
ան
հաստատեց,
որ
նախորդ
երկուքին
մէջ
ինքն
էր
եղած
էրիկ
մարդը:
Ու
ահա
կը
դառնար
ան
իր
իգութեան,
մէկէն
ի
մէկ,
այն
անորակելի
բանին,
զոր
մշակեր
էր
այնքան
կանուխ,
անպատում
ճամբաներէ,
հաւաքեր
էր
ցեխին
ու
արիւնին
ու
մեղքին
մէջէն
ու
տուած
անոր՝
66
ձե՛ւը
իր
զմայլելի
մարմինին
եւ
որ
պատրաստ
էր
հիմա,
յոգնած
ու
լեցուն,
փշրուելու
համար
բիւրեղ
բաժակի
մը
պէս։
Ան
կը
գտնէր
իր
իմաստը։
Ու
այս
գիտակցութենէն
դէպի
պչրանքը,
դէպի
ժպիտը,
դէպի
թրթռումը
անցաւ
անիկա
ծայրայեղ
արագութեամբ:
Սեռը
կը
խօսէր
իր
մէջ։
Ան
նետուեցաւ
ոտքի,
փաթթուեցաւ
անոր
իրանին,
աշխարհի
մը
ուժովը,
հասցուց,
կրունկին
վրայ
կոխելէն,
բազուկները
անոր
իրանին
ու
գամուեցաւ
անոր
շրթունքներուն,
որոնք
պաղ
էին
ու
կլպուած։
Անոր
փոյթը
չեղաւ։
Կարծես
նախապէս
գիտէր
ատիկա։
Օղակեց
իր
բազուկները,
աւելի
ջերմ
ու
աւելի
սերտ,
ու
դրաւ
երեսը
անոր
երեսին,
խռովիչ,
սրտագին
ու
անհունապէս
ցանկայարոյց։
Այդպէս
աւելցած
անոր
լանջքին
վրայ՝
անիկա
վայրկեան
մը
փակեց
աչքերը
ու
անշարժացաւ։
Տղան
խելօք
էր
ու
զուսպ։
Իր
կզակներուն
վրայ
զգաց
արցունքը
ու
տեսաւ,
որ
անոր
հիւսուած
թարթիչները
ոսկեհուռ
բան
մը
դարձեր
էին,
պզտիկ
լոյսին
մէջ
գոյն
փոխելով
ու
դողալով։
Ու
արիւնի
առուակի
մը
նման
կը
ճեղքէին
անոր
այտերուն
այդ
այլապէս
կախարդ
դաշտը։
Այդ
դիրքով՝
անիկա
անմեղութիւնն
էր,
որ
ճամբայ
կը
գտնէ
նոյն
իսկ
ամէնէն
անմշակ
հոգիներէն։
Բայց
երիտասարդը
սոսկաց,
երբ
անոր
մատները
խաղացին
իր
մազերուն
ու
քիչ
մըն
ալ
թարթիչներուն
հետ։
Ու
գորովանքը
կոտրեցաւ։
Անիկա
դարձաւ
իր
սառնութեանը։
Բայց
գիրկէն
չէր
բաժնած։
Ինչո՞ւ
չես
մորթեր,
պոռաց
անիկա,
կատղած,
արտամարհոտ,
խորապէս
կին՝
վիրաւորուելով,
սառնութեան
այս
աստիճանէն։
Վար
էր
իջեր
կուրծքէն
ու
կը
կենար,
ոտքերուն
վրայ,
հաստատ,
պատրաստ
ընդունելու
անոր
հարուածը,
դանակը,
ո՛րը
որ
ըլլար։
Տղան
չպատասխանեց։
Բայց
իր
ափին
մէջ
առաւ
անոր
թաթիկը,
որ
դողդղաց։
Որքան
շուտ
ու
ինչպէս
պաղած
էր
անոր
ձեռքը։
Կ՛ըսես
արիւնը
պարպուած
միս
ըլլար,
կախուած՝
չորնալու:
Ո՞ւր
փախեր
էր
անոր
կրակը։
Իր
միամիտ
տղու
այս
զարմանքը
կոկեց
անոր
դէմքին
դառնութիւնը:
(Աղջիկը
յոյս
ունեցաւ)։
Բայց
ահա
ուրիշ
փայլակ
մը
կտրեց
այդ
խաղաղութիւնը։
Դէմքը
բզկտուեցաւ
պատկերին
հուրքին
տակ
կարծես։
Ու
կուլ
տալով
(կոկորդը
ըրաւ
այդ
յատկանշական
շարժումը)
իր
մտածումը,
գուցէ
եւ
անոր
մօթը,
հարցում։
Ո՞վ
է…
Ինքն
ալ
չէր
յիչեր,
աւելի
ետքը,
թէ
ինչպէս
կրցած
էր
ձայն
գտնել,
հանել,
իր
մեռած
կոկորդէն:
|
Բարակ,
շատ
մեղմ,
գրեթէ
կնիկի
ձայն
մըն
էր
ատիկա,
որ
սխալ
հնչեց,
հիմնովին
սխալ
երկաթեղէն
այդ
մարդէն։
Այս
տխրու
67
թիւնը
չվրիպեցաւ
աղջիկէն,
որ,
անակնկալին
առջեւ,
չուարեցաւ։
Բայց
ըմբռնեց։
Ու
նեղուեցաւ
այս
հակադրութենէն։
Չէր
խօսեր։
Մէկէն,
անոր
մտքին
ներկայացաւ
Թումասը,
որուն
հատած
չորթունքները
երբեք
այս
տկար
շեշտը
չմատնեցին,
երբ
իր
միսերուն
վրայ
մահը
կը
լսէին։
Թողուց
ձեռքը
ու
քայլ
մը
ետ
առաւ։
Թումասը
չտեսնելու
համար՝
աչքը
սեւեռեց
կրակին,
որ
յամառ
հրաշքով
մը
ջնջուեցաւ
ու
եղաւ
իրեն
տունին
վերնայարկի
սենեակը,
նոյն
աշնային
կատաւորումով
ու
առաւօտով։
Թումասէն
կը
բարձրանար
զգացում
էին
յորդութիւնը,
մարդկայնութիւնը,
իգութիւնը,
ու
ներեց
անոր,
ինք`
որ
երեք
ամիսէ
ի
վեր
չէր
կրնար
յիշել
տեսարանը
առանց
դառնութեան։
Ու
ներեց
հիմա
նոյնիսկ
զզուանքը
յօրինող
միւս
տկարութիւնները
ու
հեւքը,
ու
ոսկորներուն
անապահովութիւնը,
ու
քըրտինքը,
արիւնը,
սպասումը,
նուաղումը
մէկիկ–մ
էկիկ
քակուեցան
պատկերին
խորքէն
ու
վերածուեցան
գլխուն
վրայի
սենեակին
մէջ
միւս
պատկերին,
ուր
հեւքը
ուժ
մըն
էր,
մահէն
անհունապէս
օտար։
Ուր
ոսկորները
կմախք
չէին
յիշեցներ
ու
երկաթի
պէս
հաստատ
կ՚ընէին
անոր
իրանը։
Կը
հիւսէին
կուրծքը
ու
կը
լարէին
բազուկները։
Ուր
հիւանդութեան
ու
ազազուն
կրծուածութեան
փոխարէն
խաղաղ
արձակութիւնը,
ապահովութիւնը
անոր
լանջքին,
որուն
մէջ
կրնար
մտնել
ու
քնանալ։
Հակադրութիւնը
կ՚աշխատէր
անոր
ուղեղին
տակ։
Ու
զայն
կ՚ընէր՝
փոխնիփոխ՝
վայրագ,
վիրաւորիչ
ու
տկար,
զարնուած։
Չէր
նայեր
տղուն,
որ
ճակատը
սրբեց
ոճիրէն,
թէ
քրտինքէն,
ինքն
ալ
չէր
գիտեր։
Ու
անոր
շունչին
զօրաւոր
խաղաղութի՛ւնը։
Ու
անոր
մարմ
ինին
ամբողջ
հրա՜շքը,
որուն
քանի
մը
ծալքերը
տակաւին
իր
մատներուն
վրայ
իրենց
զգլխանքը
չէին
մարած.
։
Կրակը
կործեցաւ
հալած
շերտի
մը
քայքայումով։
Հովը
կը
զայրանար
դուրսէն:
Բադայենց
փեղկը
կը
ծեծուէր
ու
կը
ծեծուէր
խելակորոյս,
սուգի
զանգակի
մը
նման
անգոյ
մեռելի
մը
ետեւէն։
Կիներէն
ոչ
մէկ
շշուկ։
Ու
տունը
լուռ՝
բոլորովին։
Ո՞վ
է...
փափուկ
ու
կանացի
ու
մարդկային
այս
շեշտը
դարձեալ
կեղծ
Հնչեց
աղջկանը
սրտին։
Ան
կը
սպասէր
ամէն
բանի։
հաշտուած
էր
ամէն
կարելիութեան,
բայց
ոչ
այս
տկարութեան։
Ու
հովեր
անցան
իր
հոգիէն։
Ու
տեսաւ
ինչ
որ
չեն
սորվիր։
Ու
հասկցաւ
Հեքիաթը
ու
բոլոր
ոճիրները:
Ու
զգաց,
թէ
որքան
ուժով
էր
ինք,
իր
ափ
մը
մարմինով,
բաղդատուած
սա
հսկային,
որ
պատրաստ
էր
ծունկի
գալու,
իր
կրունկները
լզելու,
հերիք
է
որ
ուզէր
ինք,
այսինքն՝
չարունակէր
ինչ
որ
սկսած
էր
քիչ
առաջ,
անոր
կուրծքին
վրայ։
Կը
լարէին
բազում
68
Երիտասարդը
խոնարհած
էր
իր
ծունկերուն
ծխնիին
վրայ։
Անոր
սուրին
ծայրը
մխուած
էր
գետինին
խսիրին
ու
կը
բզկտէր
անոր
կակուղ
նեարդները։
Այդպէս
փոքրացած՝
անիկա
ստուերն
իսկ
չէր
իր
երիտասարդութեան։
Անկէ
փախած
էր
ինչ
որ
չիներ
էր
իր
անունը։
Խելոք
ու
մեղքցուելիք
էր
ան,
խաբուած
աղջկան
մը
պէս։
Այս
քայքայում
էին
դէմ
կամրանար
անդին
աղջկան
Հմայքը։
Ոտքի
էր
ան
ու
երկարած
միշտ
իր
ձեռքը,
որ
կը
դառնար
տղուն
սառած
մատներուն
մէջ,
կախարդական
Հմայեկի
մը
նման։
Ու
եկաւ
կարեկցու
թիւնը։
Միւս
ձեռքը
դրաւ
անոր
ճակատին,
ուրկէ
կրակ
կը
փրթէր։
Անոր
յոգնած
ու
նուաստ
դէմքին
տրտմութիւնը
անցաւ
իրեն։
Բայց
ինչո՞ւ
կը
հարցնէր։
Ինքնիրեն
այս
հարցումը՝
առաջ
բերաւ
իր
մէջ
նոյն
էակազդեցութիւնը։
Կարծրացաւ
կրկին
ու
վերադարձաւ
իր
քիչ
առաջուան
ոզնիի
հոգիին։
Սեղմեց
ինքզինքը,
բայց
այդ
պրկումը
կը
քայքայէր
զինքը։
Տեսաւ,
որ
մէջքը
կը
նեղնար։
Յետոյ
բացուելու,
պայթելու,
ազատելու
մղում
մը
տակնուվրայ
կընէր
իր
հաշուըւած
կարծրու
թիւնը։
Ու
բացաւ
բերանը։
Չեմ՝
ըսեր…
Ինքն
ալ
չհաւատաց
ըսածին։
Բայց
խօսած
էր։
Իր
ձայնին
շեշտը
իր
ականջին
մէջ,
այդ
վստահ
ու
հպարտ
բանը,
առանց
վիրաւորիչ
ըլլալու,
համով
ու
կին
բան
մը
ունէր
ու
աւելի
արժանաւոր,
քան
տղուն
որձեւէդ
ձայնը։
Բայց
ինչո՞ւ
չէր
ըսած։
Աւելի
ուշ
պիտի
գտնար
պատճառը։
-
Ժպիտ
մը,
սպասում
մը
աւելցան
անոր
դէմքին,
լրացնելու
համար
անոր
հոգեկան
ոլորտը։
Յետոյ,
եկաւ
միւս
վիճակը,
անորոշութեան
ու
վախին
անդոկը,
վախին՝
ոչ
տղայէն,
զոր
նուաճած
էր
բոլորովին,
այլ
սխալին
անդոկը։
Իրեն
համար
իր
ներսին
յստակու
թիւնը
ինչո՞ւ
չէր
տեսնել
իր
դէմ
ինը։
Նոյն
իսկ
իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
ան
լսած
ըլլալու
էր
իր
նախադասութեան,
«չեմ
ըսեր»ին
ճիչը
հնչումը,
երբ
ատիկա
կը
կազմուէր
իր
սրտին
խորքերուն։
Ու
կը
զարմանար,
որ
երիտասարդը
կը
կծկուէր,
փոխանակ
բացուելու
ու
բանալու։
Տղան
նեղուած
էր,
աւելի
անդին,
քան
իր
դատողութիւնը։
Իր
հպարտութիւնն
էր,
որ
կը
վիրաւորուէր։
Իր
ներքին
արժանիքներուն
նետուած
այս
նախատինքը
աճեցաւ
ու
ճնչեց
իր
բարութիւնը,
որ
սկսած
էր
տառապանքին
դիմաց։
Ու
ցցուեցաւ
անոր
փոխարէն
միւս
ահաւոր
ու
նուաստ
զգացումը,
ա'
յն՝
որ
աւելի
է
մահէն
նախա'նձը...
Եա՛...
69
Վիրաւոր,
հեւուն,
էրիկ–մարդ
այս
բացագանչութիւնը,
որուն
սոսկումն
ու
կարծրութիւնը
թափանցեցին
աղջկան։
Ան
զգաց,
թէ
անցած
էր
սահմանէն։
Ուզեց
շոյել,
ուզեց
խօսիլ…
Ո՞վ
է:
Բիրտ,
բայց
ոչ
տգեղ,
բայց
դարձեալ
վիրաւոր,
գրեթէ
նուաստ:
հարցումը
վարանեցաւ
կրկին
շրթներուն,
կարծես
մէկ
ծայրովը
կապուած
ու
կախուած
լեզուին
գլանէն։
Կարճ,
փոքր
այս
բառե՛րը,
որոնք
ասանկ
եղերական
պահերու
կը
թռին
ու
մենք
հազիւ
կը
նշմարենք
անդունդը։
Ստեղնաշա՛րը
այդ
խեղճ
հծծիւններուն,
որոնք
սերունդը
վիժող
մարմիններուն
բարձրացող
հոգիներն
ըլլային։
Երբ
յուզումը
մեզ
կընէ
կին,
գաղան,
զատ–զատ,
փոխնիփոխ
կամ
երկուքը
մէկ
նոյն
վայրկեանին։
Ուր
մեր
անհաս
մռայլութիւններէն
թեւ
բացած
բառը,
դժուար,
դժնդակ
բզկտումներով
ճամբայ
ինկած
բառը՝
կրկին
կը
սուզի
վիտին
մէջ,
վախնալով
իր
սեփական
լոյսէն,
ճակատագրէն։
Ու
տղան
կը
զգար
ասոնք։
Բայց՝
Ո՞վ
է։
Ձայնը
դարձեալ
չգտաւ
այն
առնութիւնը,
զօրութիւնը,
որ
կը
խոնարհէ,
հպատակելու
կը
հարկադրէ
•••
Խե՜ղճ
տղայ։
Անիկա
առաջին
անգամն
էր,
որ
կը
խօսէր
կնոջ
հետ:
Չե'ըսեր:
Աղջիկն
էր,
պինդ
ու
վճռական,
ամէն
բան
աչքին
առած։
Ու
այս
չարութիւնը
կը
բխէր
անոր
անհուն
գորովէն։
Ինչպէ՞ս,
ինչո՞ւ
չէր
տեսներ
միւսը
իր
ներսը։
Այն
ատեն
իրարու
յառեցան
անոնց
աչքերը։
Կարճ,
զօրաւոր,
վերջնական՝
այդ
խուզարկութիւնը։
Աղջիկը
չէր
փախցներ
ոչ
իսկ
տարտամ
գիծը
անոր
շարժումներուն։
Զարմացաւ,
որ
անոր
ձեռքերը
մօտիկը
կը
թափառէին
սրտին։
Անոնք
ամ
չցան
կարծես
այդ
տկարութենէն,
իջան
վար
ու
յապաղեցան
գօտիին
փաթերուն։
Իրեն
այնպէս
եկաւ,
թէ
բռունցքի
մը
ձեւն
ալ
առին
դանակին
կոթին
վրայ։
Թրթռաց
հրճուանքէն
ու
լարուած՝
սպասեց։
Ինչո՞ւ
չէր
վախնար։
Բայց
տխրեցաւ
երբ
տեսաւ,
որ
անոր
ձեռքերը
լքեցին
այդ
վտանգաւոր
մարզը
ու
ինկան
քովերուն,
անխելք
ու
անպէտք։
Ու
Զաքարենց
Զաքարը
չկրցաւ
հանել
մէջքէն
այն
դանակը,
որուն
սուր
քիթովը
անիկա
ատենին
ներկած
էր
սրունքները
երկու
պոռնիկի։
Քաղաքէն
բերուած,
լեռներուն
մէջ
խաղցուած
ու
արիւնլուայ
ճամբու
դրուած
այդ
կիներուն
տեսարանը
ինչո՞ւ
կը
կապուէր
դէմի
պատկերին։
Ինչո՞վ
տարբեր
էր
սա
ծակ–պտուկը
իրենց
մար
մինները
վաճառքի
հանող
այն
միւսներէն։
Բայց
մտածումը
չկեցաւ՝
70
որոշում
ու
դատողութիւն
դառնալու
համար։
Վարանքի
փոքր
պահ
մը։
Ու
տեսաւ,
որ
տարբեր,
տարբե՜ր
էր
ան։
Ու
զգաց,
որ
իր
մէջ
կը
պակսէր
այն
զօրաւոր,
անյաղթելի
զզուանքը,
որուն
կապուած
էր
միշտ
անոնց
երբեմնի
իրականութիւնը
ու
մանաւանդ
այժմու
յիպատակը։
Ու
հակառակն
էր,
որ
ճիշդ
էր։
Իր
մէջ
ոտք
էր
ելած
կիրքը,
ուժգին
ու
հասկնալի՝
իր
կատաղութեան
մէջ։
Կիրքը՝
այդ
աղջիկը
գրկելու,
պագնելու,
իր
բառերովը՝
«ուտելու»։
Անոր
զրկուած
պատանութիւնը
ու
բռնի
կուսութիւնը
պահը
կ՚ընծայէին
աւելի
խռովիչ
ու
թրթռուն։
Անոր
այդ
վայրկեանին
կու
գար
խառնուելու
իր
երազը,
պարկեշտ
տղու
այնքան
մաքուր
պատուած
ու
հիմա
ճնշում
են
փրթած,
ազատագրուած
իր
պատրանքը։
Մտապատկերը
կը
բռնէր
իր
գանկին
տակ։
Ու
անոր
մղումին
տակ
դղրդեցան
իր
ահագին
թեւերը։
Ու
բազուկները
բացուեցան
իրենք
իրենց։
Ան
վերապրեցաւ
վրայի
սենեակին
անդրանիկ
պահը,
իր
անորակելի
ու
խուսափուկ
հեշտութեանը
մէջ։
Տեսիլքներու
ուժգնութիւնը
անդրադարձաւ
իր
դէմքին,
հոն
բերելով
ակամայ
քաղցրութիւն,
նուաղումի
մօտ
այլուրութիւն:
Կոպերը
փակեց
ու
բացաւ:
Աղջիկը
անցած
էր
նոյն
փուլերէն
ու
կը
կենար
տաժանագին
զգայութեան
մը
վրայ։
Ամփոփուած
էր
անիկա
ու
աչքերը
կը
պահէին
մռայլ
ու
տարամերժ
ինքնասուզում
մը։
Դաժան,
վանող
ու
չար
այս
արտայայտութիւնը,
որուն
պատճառը
թափանցելու
խելք
չունեցաւ
ան,
կրկին
ոտք
հանեց
իր
ատելութիւնը։
(Քանի
տագնապը
խորաՆայ,
այնքան
մեր
հոգին
գրաւող
պատերը
կարճ
կը
տեւեն)։
Երկարեց
ձեռքը,
ոլորելու
համար
անոր
վիզը։
Ու
կատաղութեամբ
տեսաւ,
որ
անիկա
ոչ
իսկ
շարժում
մը,
թարթում
մը
փորձեց,
ինքզինքը
զգուշացնելու:
Չէ՜ր
վախնար
իրմէ,
ինչպէս
չէին
վախնար
միւսները
ու
դանակին
պեղումներուն
տակ
իսկ
չլքեցին
իրենց
տարփագին
հպարտութիւնները:
Վտա՞նգ
կար։
Երեսին
նետուած
այդ
արհամարհանքը
ինչպէ՞ս
իրեն
յիշեցուց
իր
մամային
նշանաւոր
նախադասու
թիւնը։
«Օտարին.
համա՜ր...:
Ատկէ
եկաւ
իր
երդումին,
որուն
սարսափն
ու
նախապաշարումը
միշտ
ուժով
եղան
իրմ
է։
Յետոյ,
նոյն
ճամբով,
անցաւ
իր
օրերուն,
զանոնք
լեցնող
ուրիշ
յուզումներուն,
քաղց
րութիւններուն,
նոյնիսկ
մեծութիւններուն:
Ամօ՛թ
էր
աղջիկ
մորթելը:
Ան
պէտք
զգաց
ինքզինքը
հաւաքելու:
Լրջացումը
իր
ետեւէն
բերաւ
անհուն
տրտմութիւն։
Ցետոյ,
կրակի
մը
այրուցքը
ծոծրակին
արմատէն.
տաք
չիչ
մը,
ողնայարը
խառնշտկելով,
կը
մխուէր
վար,
դէպի
խորերը
իր
կեդրոնին։
Նիւթական
ու
յստակ
ցաւ
մըն
էր,
որ
«Իջնար։
Բարկութիւնը
սեւցուց
աչքերը
կրկին։
Գլուխը
կէս
մը
դարձուց
վզին
վրայ,
վանելու
համար
մղձաւանջին
յաճախանշը։
Ու
դարձաւ
ինքն
իր
վրայ:
Իր
հասակը
կը
լեցնէր
սեն
1.
71
եակին
պզտիկ
խեղճութիւնը
ու
կը
մեծնար
Նազիկին
ջնջուող
կծիկին
դէմ։
Տեսաւ
այս
հակադրութիւնը,
որ
լրջացուց
զինքը
քիչ
մը
աւելի։
Անիկա
մօտիկն
էր
կրկին
սպաննող
բնազդներուն։
Բայց
պայքարը
չտեւեց։
Պաղեցաւ
իր
հոգին։
Առանց
մատնելու
իր
դողը
ու
մսուքը,
որ
մարմինին
էր
անցեր,
բացաւ
դուռը
ու
ըսաւ,
շատ
պարզ
ու
գրեթէ
սովորական,
հիմա,
հիմա,
պապայիդ
տունը։
|
Կեցաւ։
Ու
ըսաւ
կրկին։
ՉԷ
նէ
կը
մորթեմ։
Երեք
կիները
խուժեցին։
Զաքարին
բռունցքը
դանակին
վրայ
էր
ու
ակռաներուն
բաբախուն
կտրտուքը
կը
լսուէր
որոշ։
Վայրկեանը
վտանգաւոր
էր։
Վարանումի
կարճ
պահէ
մը
ետք,
երեք
կիները
լռեցին,
աչքով
չափեցին
իրար։
Էրկան
Տշխուն
ձեռքը
երկարեց
խորտակուած
աղջկան,
որ
ատեն
չունեցաւ
ընդդիմանալու
եւ
դուրս
ընելու
զանոնք:
(Աւելի
վերջը
իր
մեծ
ցաւերէն
մէկը
պիտի
ըլլար
այդ
տկարութիւնը)։
հետեւեցաւ։
Սենեակին
դուռը
անաղմուկ
գոցուե
ցաւ
իրենց
ետեւէն։
Էրկան
Տչխուն
տէր
չէր
իր
խելքին,
երբ
կ՚իջնէր
սանդուխներէն։
Բոլորովին
շուարեցաւ,
երբ
փողոց
ելան։
Ո՞ւր
պիտի
երթային:
Ու
զարմանալին
այն
էր,
որ
այդքան
վճռական
վայրկեանի
մը
երկուքին
ալ
մտքին
չայցելեց
Հայրապենց
Հաճիին
տունը,
Հակառակ
Զաքարին
հանդիսաւոր
յայտարարութեան:
Ձիւնը
չէր
դադրած։
Փողոցին
մէջ
կորսուեր
էին
բոլոր
այն
պզտիկ
բաները,
որոնք
իրենց
պատկերը
ու
նկարագիրը
կու
տան
տան–առաջներուն։
Ծածկուած
էին
վանդակները,
որոնք
որթերուն
արմատները
կը
պաշտպանեն։
Ու
պատերէն
կը
զատուէին
ապակիներուն
մարմինները,
ծեփուած
ու
մեռած։
Վարագույրները
ներսէն
կը
պատէին
զանոնք։
Ճամբան
աւրուած
հարսնեւորներէն,
քիչ-քիչ
կը
մտնէր
իր
միապաղաղ
փխրունութեանը
մէջ։
Քայլերուն
բացած
խոցերը,
կընճիռները
բաւական
էին
սակայն
անոնց
յիշեցնելու
բազմութիւնը,
գինովութիւնը,
պարն
ու
խենթութիւնը,
որ
անոնց
ետեւն
էր
հիմա։
Հարսնիքի
այս
պատկերներուն
մեծ
մասը
ալ
կրկնուելիք
չունէր։
Բայց
ահա
աւելի
ուրիշներ,
մտերիմներ,
տգեղ,
գեղեցիկ,
անպատեհ
բայց
տիրական։
Անոնք
կը
բռնանային
աղջկան
ուղեղին։
Քանի՜
քանի՜
անգամներ
ան
ամուր
չփեց
աչքերը,
աւրելու
համար
ոստայնը,
որուն
կեդրոնէն
կը
բխէր
Զաքարին
անկողինը,
ու
անոր
մարմինէն
աւելի,
անոր
առնութիւնը։
72
Ո՛չ
կը
զղջար,
ոչ
ալ
կը
վախնար
անիկա։
հանդարտ
ալ
չէր:
Բայց
ջուրերուն
յանձնուած
խլեակի
մը
պէս
կը
քալէր
միւսին
ետեւէն։
Ո՞ւր
պիտի
տանէր
զինքը։
Մտածումի
փորձ
մըն
էր
աս,
որ
կոտրեցաւ
առանց
զարգանալու:
Մեր
կեանքին
մէջ
ունինք
այդ
պահերէն,
երբ
կը
դադրինք
մենք
մեզմէ։
Ոչ
մէկ
գնով
Էրկան
Տխուն
իր
տունը
պիտի
տանէր
զայն։
Անիկա
թարմ՝
փորձառութիւններ
ունէր,
այսպէս
վարուելու
համար։
Այս
կարգէն
աղջիկները
փորձանքը
փորձանքին
կը
կապեն
ու
աղէտ
չի
պակսիր
անոնց
կրունկէն։
Դեռ
երկու
տարի
չկար,
որ
ապաստան
էր
տուած
Մօրուքենց
Նազենին
ու
քարկոծուած
էր
իր
տունը
իր
մոռցուած
ու
նորոգուած
մեղքերովը։
Մայրերը
չընդունեցին
իրենց
աղջիկներուն
յանցանքը։
Վերյիշումներու
այս
գիծին
վրայ՝
անիկա
ինքզինքը
հանգիստ
զգաց
քիչ
մը։
Նազիկը
մայր
չունէր։
Բայց
աւելի
ուժգին
վերադարձաւ
անձուկը:
Մեծ.
մա՞յրը։
Հա՞յրը։
Հակառակ
այդ
անունին
կապուած
ամբողջ
սարսափին,
ինչպէ՞ս
այս
անկարելիութիւնը՝
մէկէն
ի
մէկ
բնական,
միակ
Հնարաւոր
ելքը
եղաւ։
Վերջապէս
իր
զաւակը
չէ՞ր...
ու
այս
հաստատուին
տակ
անոր
ափին
մէջ
աւելի
հեռացաւ,
օտարացաւ
դժբախտ
աղջնակը։
Գութին
այս
տպաւորութենէն
ինկած՝
աղջիկը
տէր
կը
դառնար
իր
ճակատագրին։
Հայր
ու
աղջիկ
պարտաւոր
էին
իրար
հասկնալ։
Ցետո՞յ:
ով
գիտէ։
Ձմտածեց,
փախցուց
ուրուացող
հրէջութիւնը։
Ու
տակաւին
ուրիշ
ելքեր
եկան
իր
մտքին։
Յիշեց
ուրիշ
դրուագներ։
Ու
կամաց–կամաց
հակեցաւ
ամբաստանելու
Զաքարենց
Զաքարը:
Իբր
անճարա՞կ։
Ով
գիտէ։
Գինովները
տուած
էին
նման
գայթակղութիւններ:
Վճռած
էր
Հօրը
տանիլ:
-
Երբ
դարձան
մեծ
փողոցը,
որուն
բերանին
կը
սկսէր
հրապարակը,
աղջիկը
կեցուց
զինքը։
-
Ուր:
Չպատասխանեց
Տշխուն։
Հրապարակը՝
իր
լայն
ու
հանգիստ
ձիւնովը
փոխեց
անոր
մտածումներուն
գիծը։
Ափը
ամրացուց
իր
ձեռքին
մէջ,
որ
տաքցաւ
նորէն:
ԱՀա
աղբիւրը։
Անկէ
վեր
մեծ
փողոցը
կը
վերածուէր
զառիվերի
մը,
ուրկէ
պիտի
անցնէին
բոլոր
«աստնոր»ները,
երբ
վերջին
անգամ
իրենց
հասակը
կը
կործեն
դագաղին
մէջ։
Ու
նորէն,
քովնտի
փոքր
բացուածքէ
մը՝
միւսը,
ա՛ն
որ
կը
հատնի
Աղուընակ–Քարին
անդունդներուն։
Աղբիւրէն
վար
ճամբան
կը
դառնար
դիւրին
զառիվարը,
որ
գեղը
կը
կապէր
դաշ
տին
ու
անկէ
ալ
լիճին։
Ծակ–պտուկներուն
ճակատագրական
այս
քառուղիները
կը
կրկնէին
իրենց
խորհուրդը
ու
պահին
ալ
սոսկումովը։
Ամէն
աղբիւր
ունի
իր
ոգիները,
բարի
ու
չար:
Գիշերուան
73
այս
ժամերուն
անոնք
կերեւան
իրենց
ուզածներուն։
Ու
վա՛յը
անոր
տունը,
որ
տեսնէր
անոնցմէ։
Ու
դարձեալ
քընծ–մեզ–աղիկները
[3]
թշնամի
են
հարսներուն,
որ
իրենց
քառսունքէն
առաջ
կը
յանդգնին
թափառիլ,
անժամանակ,
աղբիւրներու
առջեւ,
ու
մեղքի
կը
մղեն
գեղին
պատանիները։
Մնաց
որ,
Էրկան
Տշխուն
աղբիւրէն
անցած
էր
իր
պատգամաւորութեանց
գիշերներուն,
կրկնելով
«դիւահալած»
բանաձեւը
քառսուն
բերան։
-
Բայց
աղջիկը
կեցաւ
ու
շարժումը
պինդ
էր
ու
յամառ։
Այս
արձանացումը
կեցուց
միւսն
ալ։
Ո՞ւր,
կրկնեց
անիկա
հարցումը,
վճռական
ու
նոյնիսկ
բարկացած:
Քալէ՛։
Աղբիւրին
քով
չեն
խօսիր։։
Բայց
աղջիկը
փոխանակ
քալելու,
ազատեց
իր
բազուկը
ու
յառաջացաւ
դէպի
ջուրը։
Ափ
մը
նետեց
բերանը։
Յետոյ՝
երեսները։
Այն
ատեն
հասկցաւ,
թէ
ինչպէս
մեռած
էր
լեզուն
ու
ինչ
կրակ
կար
իր
այտերուն:
Հակառակ
իր
սարսափին,
Էրկան
Տըխուն
երկու
քայլ
առաւ
դէպի
աղբիւրը,
որուն
զոյգ
փողրակները
մարմարէն
բխած
երկու
Հրգչային
աչքերու
պէս
կը
կլորնային
իրենց
բերաններէն։
Անկէ
կը
թափէր,
առատ
մշուշի
մը
մէջէն,
տաքուկ
ու
աղմկոտ
ջուրը։
Բռնեց
թեւը,
ուժգին,
ու
քալեցուց,
գրեթէ
քաշկռտելով,
ու
|
Քիչ
վար,
արդէն
կը
լսուէր
պարին
ու
Հայկուչին
աղաղակը։
Հարսնիքը
կը
շարունակուէր
Հայրապենց
տունը։
Այս
խառնակ
գորչումէն
կը
զատուէր
Հաճի
Ստեփանին
պոռչտուքը,
յաղթելով
միւսներուն:
Կատաղութեան
այս
լրբութիւնը
ազդեց
երկուքին
ալ։
Անոնց
աչքին
առջեւն
էր
ինքնիրմէն
դուրս
գինովը,
որ
մէկ
բռունցքով
կրնար
երկուքն
ալ
սպաննել։
Տշխու
Հարս,
չերթանք։
Ուժով
էր
նախադասութիւնը։
Ձգէ
ինծի։
Գնա
տուն։
փսփսուք
մը
սակայն
այս
վերջինը։
Աղերսարկու
ու
սրտանց
այս
բառերը
մէկէն
վերածուեցան
մահուան
ճամբաներու։
Որքան
տար՝
փորձառու
կինը
խշխշաց
իր
աղիքներուն
մէջ։
Ինչպէ՞ս
ձգել։
Ձիւնը
կը
շարունակուէր,
աւելի
մեղմ։
Հովը
կոտրած
էր
բոլորովին։
Բոլոր
փողոց
չինող
տուները
մեռած
էին։
Ոչ
մէկ
ծուխ։
Մանաւանդ
ոչ
մէկ
լոյս։
Ո՞ւր
երթալ:
74
Ու
ահա
ճերմակին
վրայ
սեւ
ձեւեր,
որոնք
բուսան
մէկէն
ու
փողոցը
պղտորեցին։
Անոնք
կը
չարժէին։
Էրկան
Տչխուն
«մահուան»
քրտինքին
մէջ,
ինչպէս
կը
պատմէր
ետքը,
սառեցաւ
կեցած
տեղը։
Քընծ-մեզ–աղէկնե՞րն
էին:
Երբ
երկրորդ
անգամ
անոնց
նայուածքը
ինկաւ
դէմ,
տեսաւ
որ
ձեւերը
կեցան,
դուռի
մը
առջին։
Բացուեցաւ
անիկա։
Ձեւերը
մտան
ու
փողոցը
դարձաւ
իր
անայլայլ
մենութեան։
Օվակենց
Հարսն
է,
մրմռաց
Տչխուն
ակռաներուն
տակէն
ու
կրցաւ
մտածել։
Անոնք
քրիկ
կնիկ,
սպառած
էին,
ու
ալ
յոգնած,
վաղուան
ձգելով
իրենց
հետաքրքրութիւնը,
կը
դառնային
Հարսնիքէն
իրենց
տունը։
Փայլակէ
մը
լուսաւորուած՝
Էրկան
Տխուն
փսփսաց
Նազիկին.
Հատէ՛,
հատէ՛։
Օվակենց
տունը։
Աղջիկը
դողդղաց,
լուսնոտի
պէս,
բայց
չինկաւ։
Անոր
կամքը
տարեր
էին։
Հետեւեցաւ
զինքը
քաչող
բազուկներուն։
Քսան
քայլ
միջոցը,
որ
կը
բաժնէր
զիրենք
տունէն,
երկարեցաւ,
անհատնում
բան
մը
եղաւ։
Կեցան
դուռին
առջին։
Երկուքն
ալ
չէին
կրնար
աչքին
ծայրովը
չնայէլ
Հայրապենց
պատուհաններուն,
որոնց
վրայ
խոշոր
չուներ
կը
բուսնէին
ու
կը
դողային։
Մէկէն
ձայները
կեցան։
Նազիկ,
աչքով
ու
հոգիով
առնուած,
պաղեր
էր
դէմը
այն
տունին,
ուրկէ
ելած
էր
առտուն։
Պատուհաններու
մեծ
քառակուսիները
հանդարտ
այրելու
ձեւ
մը
ունէին։
Երբեմն
ձեռք
մը
կը
գծուէր
ու
կարըէր:
-
Ո՛վ
ու
ե՞րբ
զարկին
դրան։
Նազիկ
չէր
գիտեր
ատիկա,
բայց
դուռը
բացուեցաւ։
Թումասին
մայրն
էր։
Մէկ
նայուածքով
ճանչցաւ
Նազիկը,
ու
ինքնիրմէ
դուրս՝
Քորնա՛մ,
քոռնա՜մ։
Աս
ի՛նչ
կարկուտ
է,
օղո՛ւլ։
Կրկնեց
անգամ
մըն
ալ
«օղո՛ւլ»ը,
եղերական
ու
սգաւոր,
ինչ
պէս
կ՚ելլար
ատիկա
իր
բերնէն,
իր
զաւկին
գերեզմանին
վրայ։
Հասկցած
էր
ան։
Ու
առանց
ուրիշ
բառ
աւելցնելու,
ներս
առաւ
երկուրն
ալ,
ու
կը
դողար,
ուրուային
կանթեղին
լոյսովը,
չնայելու
համար
Նազիկին
երեսին:
Սակայն՝
դուռը
փակուեցաւ:
համեմատական
ջերմութիւնը
ոակին,
այդքան
խեղճ
այդ
լոյսը
ու
տանիքի
մը
հեռազգացուած
բարիքը
ազդեցին
աղջկան
վրայ,
որ
չէր
լար,
բայց
կարծես
անհուն
ու
ամայի
հեռուներէն
կը
Հաւաքէր
իր
տարրերը։
|
Վերէն
Օվակին
ձայնը
Ո՞ւր
մնացիր,
կնիկ,
չուշանաս։
Նազիկ
կրցաւ
ճանչնալ
դրան
փոքր
ճռնչիւնը։
Պա:
կելու
սենեակը
կը
մտնէր:
75
Երեք
կիները,
առանց
գիտնալու,
անցան
օճախով
սենեակը։
Թաղուած
կրակը
չէր
դիմացեր
ցուրտին։
Մոխիրէն
հազիւ
քանի
մը
գունճ
կրակ
կարելի
եղաւ
ճարել։
Պաղը
բռնած
էր
մանաւանդ
հեռ
էն
եկողները։
Անոնց
մազերուն,
զգեստին
վրայ
մնացորդ
ձիւնի
հատիկները
կը
լուծուէին
ու
կը
պղտորուէին։
Նազիկը
չէր
կրնար
հանդարտ
շունչ
առնել։
Հուժկու
ու
տեւական
սարսուռ
մը
անոր
կղակները
իրարու
կը
բախէր։
Բայց
չարեցին
փայտերը
ու
կրակը
մխալ
առաւ։
Դէմի
տունէն
երգը,
հայհոյանքը,
պարին
Հեւքն
ու
թեւերը
կը
թափէին
վար,
մեռած
փողոցին
վրայ,:
անլուր
գեղեցկութեամբ։
Ձիւնէն
յառնող
յսկայական
ժայթքում
մըն
էր
ատիկա։
Այդ
աղաղակներուն
ատենատեն
կը
խառնուէր
ատրճանակի
մը
չառաչը։
Էրկան
Տշխուն
խօսեցաւ
Հեղնա
Հարսին
կամաց
բառերով։
Կիները
վճռեցին
սպասել։
Քիչ
ետքը
դուրսէն
լսուեցաւ
Օվակին
ոտնաձայնը:
Չթողուցին,
որ
անդրավարտիքով
մտնէ
ներս։
Հագուէ,
անանկ
եկուր։
Ինկաւ
լռութիւն։
Բայց
մեղաւոր,
ծանր,
յուսահատ
լռութիւն։
Երեք
կիները
հիմա
աշխարհներով
հեռու
էին
իրարմէ։
Էրկան
Տշխուն
ինքզինքը
գտած
էր
բոլորովին,
ապահով՝
ոճիրին
կամ
գալիք
աղէտին
պարունակէն
ու
հասողութենէն։
Նոյնիսկ
իր
ներքին
պրկումին
անիկա
տուաւ
բնական
թուլացում։
Գրեթէ
զուարթ
էր։
Օվակենց
Հարսը
վիրաւորուած
էր
պարկեշտ
կնոջ
խորքին
մէջ,
բայց
լեցուած
արգահատանքի
աւելի
բանով
մը։
Տառապանքին
վարժութիւնը
նման
է
ուրիշ
մարզանքներու։
Անիկա
կը
ցաւէր
աղջկան
ցաւին
մօտ
ուժգնութեամբ
մը:
Իր
սեփական
վիշտը
կը
շահէր
այս
յորդումներով։
Դիտած
էր
ատիկա
նոր
մեռելներու
դագաղին
մօտ:
Նազիկը՝
պագ
մը
հեռացած
վտանգէն։
Ու
առանց
իր
ուզելուն
շինուեցաւ
այդ
սենեակին
անցեալը:
Ու
անկիւնին
կէս
մը
կծկտած՝
Թումասի՛կը,
որմէ
կմախք
միայն
մնացած
ըլլալու
էր
հիմա։
Ոսկորներու
այս
մտապատկերը
սրտապնդեց
զինքը։
Ու
հաճոյքն
ունէր
մահէն
չվախնալու։
Այս
վայրկեանին։
Այս
վիճակը
իր
մէջ
կը
հաստատէր
անիկա
ուրիշ
առիթներով
ալ։
Չարագուշակ
ամիսէն
ետքը,
անիկա
մարզուած
էր
կրցածին
չափ։
Ու
մեծ
տագնապներու
դիմադրեր
էր
ան
այդ
զրահումով։
Յետոյ,
իրեն
համար
բնական
եկեր
էր
պզտիկ
տագնապներն
ալ
դիմաւորել
նոյն
զրաէներով։
Այս
պատրանքը
օդ
տակար
եղաւ,
վասնզի
զինքը
ընտանեցուց
մեծ
արհաւիրքին
հետ։
Ու
հարս
եղաւ,
պաշտպանուած
անով։
Բայց
Թումասին
գիծով
ի՛նչպէս
անիկա
գնաց
Զաքարենց
Զաքարին
անկողինին։
Ապտակի
մը
պէս,
որ
կրակ
կը
հանէ՝
այս
պատկերը
ծեծեց
զինքը։
Կծկուեցաւ
ինքն
իր
վրայ,
կարծես
զգուշանալու
համար
հարուածէն։
Այնքան
զօրաւոր
էր
76
զգայութիւնը։
Փորձեց
միտքը
փոխադրել
ուրիշ
տեղ։
Չէր
կրնար:
Ու
տեսիլքը
կը
խուժէր
իր
վրայ,
արձակ
ու
խոշոր։
Յետոյ,
զգաց
իր
մէջ
միւսը,
մարդկային,
ան՝
որ
զինքը
մինչեւ
այս
անդուդներն
էր
բերեր։
Ու
հոդ
միայն
հասկցաւ,
թէ
անիկա
չէր
մեղքցած
Թումասին։
Ու
յստակ
էր
իր
վիճակը
իրեն
համար։
Անիկա
խաղալիքն:
էր
երկու
հզօրագոյն
զգացումները,
որոնք
աքցանի
նման
կը
հնչէին
զինքը։
Ան
սէրը
կուզէր։
Ան
մատը
կուզեր։
Օվակենց
Օվակը
կամացուկ
մտաւ
ներս։
Մէկ
նայուածքով
ան
ալ
հասկցաւ։
Ու
ափը
տարաւ
բերանը։
Ու
աչքով
հարցուց
կնոջը։
Նստէ,
ըսաւ
մեղմ՝
կինը,
մտմտանք։
_
Ու
նստան
մտմտալու
երկու
բարի
դրացիները։
Անոնց
սրտէն,
խելքէն,
հաշիւներէն
ու
վարանքէն
ետք՝
եզրակացութիւնը
եղաւ
վար
դնել
աղջիկը,
մինչեւ
ե՞րբ:
Ատիկա
տէրը
գիտէր։
Ամէնէն
քիչ՝
մինչեւ
Հօրը
արթննալը։
Պայծառ
այս
որոշումին
խաղաղութիւնը
լեցուց
սենեակը,
սիրտերը,
մանաւանդ
Էրկան
Տշխուն,
որ
բազկատարած,
օրէնէքներ
բերնին՝
ելաւ
դուրս
ու
անյայտացաւ
ձիւնին
մէջ։
Անոր
մեկնումովը
մթնոլորտը
քաղցրացաւ
աւելի։
Կրակը
աղուորցած
էր։
Տաքը
մեղմեց
քիչ
մը
դժնդակ
չորութիւնը,
որով
պարուրուած
էր
աղջկան
հոգին։
Մահուան
մէջ
գտնուած
այս
անկիւնը
երազ
կը
թուէր
անոր։
Ու
կը
յաջողէր՝
ճամփան
իր
մէջ
կարծրացած
յուսահատ
որոշումը
վիրաւորել։
Ան
պիտի
մեռնէր
այս
գիշեր,
իր
հաշիւովը,
ու
երբ
աքաղաղը
երկրորդ
անգամ
պոռաց՝
ողջ
էր
ինք
տակաւին։
ԹԷ՛
ուրախացաւ,
թէ՛
տրտմեցաւ
Էրկան
Տչխուին
մեկնումովը
ու
չէր
կրնար
բացատրել
իր
այս
հակամարտ
զգայութիւնները:
Մի՛
մտմտար։
Մինակ
մահուան
ճար
չկայ։
Ըսողն
էր
Հեղնա
Հարսը:
Թումասը
փրթաւ
անոր
բառերէն։
Մի
մտմտար։
Աստուած
մենծ
է։
|
Լսողն
էր
քվակենց
Օվակը։
Ու
երկինքը,
իր
խելք
առնող
գեղեցկութեամբը
բացուեցաւ
անոր
բառերէն:
Ան
չպատասխանեց։
Բայց
գերեզմանէն
երկինք
թռելու
ատեն
կը
ժպտէր
գրեթէ։
Ստեղծըւեցաւ
արդար
ու
մարդկային
ոլորտը։
Կարծես
թէ
տունին
Հարսն
բլար:
Այնքան
մօտիկն
էր
անոնց։
Կամաց-կամաց
դէմի
տունէն
աղմուկը
կոտրեցաւ:
Անոնք
կըրցան
խօսիլ
քիչ
մը,
աջէն
ու
ձախէն,
ցուրտէն
ու
ձիթենիներէն։
Բայց
բառերը
պզտիկ
էին
ու
կտոր–կտոր։
Երբեմն
մեր
նիւթը
կը
սպառի
այնքան
շուտ,
մանաւանդ
երբ
բառերը
կանցնին
փայլակող
մարզերէ,
շրթներուն
Հասնելէ
առաջ։
Եկաւ
պագ
մը,
որ
նեղեց։
Ատիկա
Հասկցաւ
Օվակենց
Օվակը,
որուն
ներկայութիւնը,
իր
սեռովը,
ա
77
լելորդ
կու
գար:
Դէմի
տունին
լոյսերը
մարեցան
մեծ
մասով։
0վա
կենց
Օվակը
անձայն,
համակերպուած
ձեւով
մը
ելաւ
ոտքի
ու
գնաց
իր
սենեակը։
|
Լայնցան
երկուքն
ալ։
Անոնք
աւելի
մօտ
եկան
իրարու:
Կա
րեկցող
ու
քաղցր՝
քվակենց
հարսին
ձեռքերը
բարիքի
մը
պէս
կը
պտըտէին
անոր
մազերուն
ու
երեսին
վրայ։
Բայց
չէին
կրնար
խորունկ
նայիլ
իրարու:
Անոնց
մտքէն
կ՚անցնէր
շատ,
շա՜տ
բան։
Մէկը
իր
տղուն
բաժնուելիք
գուրգուրանքն
էր,
որ
ատանկ
կը
ծորէր
իր
մատներէն։
Միւսը
իր
չվայելած
գորովն
էր,
որուն
այսքան
ուշ
կը
կարծէր
հանդիպած
ըլլալ։
Ու՝
այսքան
անպէ՛տք,
մտածեց
անիկա։
Ու
հեռաւոր,
անհասկնալի
կարօտով
մը,
այդ
երբեք
չհառաչող
աղջիկը
գրեթէ
չշնչեց
•
Ա՜խ,
մամաս,
մամաս...
Մայր
չունեցած
սա
որդին
բերանին
մէջ,
ասանկ
ճգնաժամի
մը,
բառերը
ահաւոր
բան
կը
պատմ
էին։
Սրտի
ճմլումով
զգաց
ատիկա
Օվակենց
հարսը։
Ու
փղձկեցաւ։
Ամիսներէ
ի
վեր,
անոր
մօտ
գրեթէ
սովորական
լացի
այդ
վիճակը
տարօրինակ
հարազատութեամբ
մը
կը
վայելէր
պատկերին։
Իրերուն
ու
մարդերուն,
ձիւնին
ու
ամօթին
գուպարին
մէջ
նետուած
այս
խլեակին
ճակատագի՞րը։
Ու
սարսռաց։
Գեղը
գիտէր,
մարգարէի
նման,
կարդալ
անոր
գիրքը։
Անիկա,
դարերու
փորձառութեամբ
մը
եռոտանիէն՝
պատգամած
էր
անխուսափելի
աղէտը։
Ու
ցած,
վախնալով
մտածում
էին
իսկ
ձայնէն,
մտքովը
երանի
տուաւ
Հայրապենց
Հարսին։
Անիկա
պիտի
չապրէր
սա
քայքայումը,
որուն
դատապարտուած
էր
իր
աղջիկը։
Ինչո՞ւ
մամադ
կը
կանչես։
|
Խե՛նթ,
անիմաստ
այս
հարցումին
դառնութիւնը
ընելէն
ետքը
միայն
զգաց։
Յետոյ,
իր
սիրտը
ողողեց
կրկին
ուրիշ
զգայնութիւն
մը,
ամբողջական,
հաշտեցնող
բարութիւն
մը,
մայրութիւն
մը:
Այն
ատեն
կարծես
լանջքը
տաքցաւ
այդ
զգայնութեան
յառնումովը։
Կարծես
իր
չորցած
ստինքներուն
մէջ
բան
մը
պտըտեցաւ,
անուշ
ու
համբուրող
ու
կին,
ան՝
որ
երիտասարդուհիներուն
աչքերուն
մէջ
տարփանքն
ու
նուաղումը
կ՚ըլլայ
պառաւներուն
մէջ
ալ՝
աննուաճ
նուիրումը։
Յետոյ,
իր
ներսէս
տեսաւ,
որ
փոխուած
էր
իր
գութին
ձեւը,
տեսակը:
Ու
տառապեցաւ
անհնարին
խորութեամբ
մը:
Մշուշ
ինկաւ
իր
ուղեղին։
Աղ
ինկաւ
իր
սրտին:
Չէր
լար:
Սառած
էին
արցունքին
թելերը։
Ու
այս
խորտակումին
ընդմէջէն
անիկա
ինքզինքը
գտաւ
փոսին
գլուխը,
երբ
վերջին
համբոյրով
մը
մարեր–ինկեր
էր
տղուն
դիակին
վրայ։
Նազիկ
թօթուեց
անոր
ծունկէն:
Բացաւ
աչ
քերը
ու
նայեցաւ
աղբիւրին
պէս
բարի։
Աղջկան
մեղքը
հալեր
էր
=
78
կարծես։
Ու
կը
մնար
միայն
անոր
մարդկային
տեսքը։
Ու
այդ
նաւածքին
վրայէն
անիկա
մտաւ
լայնքին
մէջը
այն
ծովուն,
որ
մայրերուն
սիրտը
կը
կոչուի։
Մայրե՛րը։
Որոնք
իրենց
աղջիկները
կը
շինեն
իրենց
միսովը,
իրենց
սպառումովը,
իրենց
ազնուագոյն
տարրին
իրենցմէ
պարպումովը
ու
կը
դնեն
աշխարհին
ալիքներուն
նշաւակ։
Որոնք
իրենց
զաւակներուն
մէջ
անգամ
մըն
ալ
կը
կրկնեն
ահաւոր
փորձը,
ամօթը,
դառնութիւնը՝
ապրելուն։
Ու
մէկէն
անարդար,
վայրագ
գտաւ
գեղին
անգթութիւնը։
Ու
իսկական
մօր
մը
պէս
համբուրեց
աղջիկը
իր
մազերէն։
Շրթունքները
երբեմն
իրաւ
ըրին։
Համբոյրին
թրթռումը,
այսպէս
ըսելու
համար՝
համը,
շեշտը
անցաւ
աղջկան,
որ
լքեց
ինքզինքը
անոր
գիրկը
ու
իր
չճանչցած
աղապատանքը
գտած
ըլլալու
պատրանքին
մէջ
տեսաւ
զինքը
թեթեւ
ցած
քիչ
մը։
Ու
անխօսուկ,
սուսիկ,
ջնջուած՝
սկսաւ
անիկա
որքին
լացը։
Ան՝
որ
կը
նմանի
աշնան
նիհար
անձրեւներուն,
կու
գայ
ու
չի
հատնիր
ու
կենալ
չի
գիտեր։
Որ
արցունք
ալ
չէ։
Տեսակ
մը
անգայտ
թանձրացո՛ւմը
մեր
հոգիին,
որ
այդպէս
կ՚ուզէ
դուրս
տալ
ինչ
որ
չի
կրնար
տանիլ։
Որ
վիշտին
չի
հետեւիր
յաճախ
ու
կու
գայ
երբ
չենք
սպասեր։
Այդ
աղջկան
մէջ
կու
լար,
այդ
պահուն,
իր
որ
բութիւնը,
հոգեկան
իր
ահաւոր
մենութիւնը։
|
Օվակենց.
Հարսը
փաթթեց
անոր
գլուխը։
Անիկա
կը
սիրէր
լացն
ու
լացողը,
մանաւանդ
տղան
թաղելէն
ի
վեր:
Ու
իրմէ
չհասկըցուած
Հնարքով
մը,
ան
ուրիշներուն
լացը
կը
հաւաքէր
իր
տղուն
հաշուոյն։
Ամէն
արցունք
անպատճառ
իր
աչքին
առաջ
կը
բերէր
տղան։
Ու
աղջկան
վրայէն
ան
կը
լինէր
հիմա
իր
տղան։
Ու
դժուար
չեղաւ
իրեն
համար
ամբողջացնել
ամիսներ
առաջուան
կեանքը,
նոյն
այս
սենեակին
մէջ։
Յետոյ
բաղդատեց։
Մտքի
բոլոր
գործողութիւնները
նախնական
ու
թերի
են
գեղացիին
մէջ։
Ու
գոհ
եղաւ։
Սար
սափը
յաջորդեց
այս
սրբապղծութեան։
Բայց
բաղդատութիւնը
կըրկնեց
ինքզինքը։
Ու
այն
ատեն
իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
անտեղի
էր
իր
վրդովումը:
Մին,
որ
հողերը
առած
կը
պառկէր,
բանով
մը
աւելի
էր
քան
աս
միւսը,
որ
կը
հեծկլտար
իր
գիրկին
մէջ։
Ձեռքովը
չօչափեց
անոր
կռնակը,
կուրծքը։
Հետզհետէ
մտածումը
պայծառացաւ
ու
ան
որոշապէս
կրցաւ
Հասկնալ,
թէ
մահը
աւելի
անուշ
էր,
քան
այս
անկարող,
անսրբագրելի
տառապանքը։
Յետո՛յ։
Իր
տղան
փակած
էր
աշխարհին
հետ
Հաշիւը,
մարդկօրէն
անստգիւտ
կերպով
մը։
Ան
հայ
Քրիստոնեայի
մը
պէս,
հաղորդուած,
արդարցած,
նշխարքը
բերնին՝
գացեր
էր
Աստըծոյ
քով։
Ու
թաղուած
էր
ան
պատարագով։
Ունեցած
էր
հոյակապ
քառսունք։
Ու
նոյնքան
գեղեցիկ
Կաղանդ։
Այս
աղջի՞կը։
-
Բայց
գեղը
վճռած
էր
անոնց
ճակտին
գիրը:
Անոնց
մարմինին
հետ
կար
մանաւանդ
աւելի
մեղքցուե
79
լիքը,
անոնց
հոգի՛ն:
Գեղի
գերեզման
իսկ
չէր
տար
անոնց
դիակ:
ներուն։
|
Կրակը
ուժովցեր
էր
ու
աղուոր։
Ու
անկէ
ցոլացած
լայն
ու
դեղին
փայլին
մէջ,
խենթացնող
բան
էր
այդ
աննման
«օսկի
յօնքերը»,
որոնք
ճակտին
վրայ
կ՚աղեղնային
անդիմադրելի
չնորհով,
արուեստով։
Գեղեցկութիւնը
պարապ
բառ
մը
չէ։
Նոյնիսկ
գիւղերուն
մէջ։
Եթէ
անիկա
եսական
ու
յիմար
հպարտութիւնն
է
երբեմն,
որ
երես
մը
կը
Հանէ
մարդկային
տուեալներէն
ու
կը
տանի
դեւերուն,
եր
բեմն
ալ
անիկա
անփոփոխ
թշուառութիւնն
է։
Ու
յաճախ
երկուքը:
մէկ•••:
Ո՞վ
էր,
Նազի՛կ։
|
Ի՞նչ
կապ
կար
այս
հարցում
ին
ու
զեղեցկութեան
վրայ
գեղացի
կնոջ
սա
մտածումներուն
մէջտեղը։
Ուրկէ՞։
Ինչո՞ւ։
Աղջիկը
անակնկալի
չեկաւ։
Անիկա
ամէնէն
շատ
այդ
հարցու
մին
պատրաստած
էր
ինքզինքը։
Իր
որոշումը,
մշտական
մարզանքներով
ամրացած,
հիմա
մաս
կը
կազմէր
իր
էութեան։
Ու
հարցումին
դէմ
հանուելիք
վիճակը
պատրաստ
ու
մէկ
կտոր
էր
անոր
հոգիին
մէջ։
Թումասին
մահէն
ետք,
անիկա
վճռեր
էր
պահել
գաղունիքը,
մահուան
գնով,
որ
այնքան
արժէք
կ՚իյնայ
երբեմն,
ինչպէս
հոս։
Բայց
այս
անգամ՝
հարցումը
աորտակեց
իր
զրահումը։
Անիկա
անցաւ
ներս,
ծակեց
սիրտը
եւ
արունեց։
Անոր
բերանը
դրդեցին
իրմէ
դուրս
մղումներ։
Խորհրդածութեան
նմանող
բան
մը
եկաւ
աւար
տելու
սկսող
այդ
փլուզումը։
Չտեսաւ
հարցում
են
նուաստ
կողմը,
հետաքրքրութիւնը,
որ
անօգուտ
է
եւ
ստորին։
Ու
փայլակի
մը
պէս
տեսաւ
Զաքարենց
մարդերը
ու
այս
կինը,
իրարու
մօտ,
բայց
զգաց
ինչ
որ
կը
բաժնէր
երկուքը։
Արդար
ու
իրական
գնահատումով
հասկըցաւ,
որ
աշխարհին
մէջ
այս
սենեակէն
զատ
ուրի՜չ
տեղ
մը
չունէր
ալ։
Հակառակ
իր
կորովին՝
անիկա
յոգնած
էր
մանաւանդ
գաղտնիքին
ճնշումէն։
Մշտապէս
անոր
հետ
մինակ
ըլլալու
դատապարտըւած՝
անիկա
դիմացեր
էր
մշտապէս
զինուած
հերոսութեամբ
մը։
Ու
հարսնիքէն
առաջ,
որ
իր
դիմադրական
ընդունակութիւնը
իր
ծայրակետերուն
պիտի
հասցնէր,
անիկա
հաստատած
էր
տկարաց
ժան
վայրկեաններ։
Փնտռած
էր,
քանի
հեղ,
մայրը,
անոր
պարպելու
համար
իր
հոգին։
Փնտռած
էր
դարձեալ
միւս
բնական,
իրական
վիճակը,
մարդկային
բլալ
կրնալու
պէտքը,
ուր
անիկա
լեցնէր
իր
սրտին
ամանները
ու
խնդար,
լար,
քալէր
ուրիշներու
նման,
առանց
սա
անհուն
բեռին,
որ
իր
փորէն
կը
բարձրանար։
Ու
ըլլա՛ր
աղջիկը
իր
մօրը,
լայն,
տիրական
ժառանգութիւններով։
Եթէ
իր
մօտիկ
անցեալին
մէջ
ասոնք
բացառիկ
պահեր
էին,
հասկնալի
էին
սակայն
հիմա,
ուր
ժամանակը
անոր
համար
ստացեր
էր
մասնաւոր
80
իմաստ:
Երկու–երեք
ժամերը,
որոնք
անմիջապէս
իր
ետին
էին,
եւ
րեն
կը
թուէին
տարիի
չափ
հեռաւոր
ու
տարածուն։
Տեւողութեան
գաղափարին
այս
ձեւաղեղծումը
կարելի
կ՚ընէր
իր
մէջ
յաջորդական
կամ
կտրատուն
վիճակներ
ու
չէր
զարմանար,
որ
մէկէն
միւսին
կը
մտնէր
առանց
խրտչելու:
Տագնապները
երբ
այսպէս
երկարաձգուին,
կը
խախտեն
մեր
իմացական
հաւասարակշռութիւնը։
Մա՞հը։
Բայց
անոր
չէր
հաւատար
այս
վայրկեանին։
Ու
պագ
մը
կարծեց,
թէ
անցած
էր
անկէ
ալ
ու
ինչ
որ
ունէր
առջին,
նոր
սկիզբ
մըն
էր։
Ու
անոր
մէջ
կը
բաբախէր
ապրելուն
գինովութիւնը,
նոր
արթնցած
աղջկան
անզուսպ
զգայութիւններով։
Ու
տարուած
էր
անիկա
իր
երազանքէն։
|
Կատու
մը
մտաւ
ներս։
Աչքերը
խոշոր
ու
Հեւուն՝
ան
իր
թաթերը
լզեց,
չորցնելու
համար
ձիւնին
խոնաւը
ու
կեցաւ։
Անիկա
ներս
կը
բերէր
ամբողջ
ողբերգութիւնը
հարսանիքին
ու
ձիւնին։
Նազիկը
տկարացաւ։
Կոտրած
էր
իր
կառուցումը
ու
ցնդած
պատրանՔը։
Կը
նմանէր
ընկղմողին,
որուն
ձեռքէն
ալիքները
կը
խլեն
իր
յուսաչատ
ապաւէնը։
Ինկաւ
իր
տրտմութեան
մէջ.
աւելի
ջախջախ«ած։
Ու
աշնան
առտո՛ւն։
Ու
արցունքը
Թումասին։
Ու
իր
բարու
թիւնը,
որուն
վարձքը
կու
գար
ահա
սա
ագաւոր
գիչերէն։
Ու
աւելի
անդէ՞ն…։
Մեղմացաւ
մէկէն։
Ան
ինքզինքը
իր
տանը
մէջ
կը
կա:
ծէր։
Թումասը
ողջ
կամ
մեռած։
Ասիկա
չէր
փոխեր
իր
փորը։
Ու
սպասեց…
|
Օվակենց
Հարսը
չէր
գիտեր,
թէ
իր
երկու
բառը
որքան
թելեր
ոտք
էր
հանած
աղջկան
ներսը:
Հ
Ո՞Վ
էր,
կրկնեց
անիկա,
նոյնքան
կարեկցուն,
•յ
բան
Քիչ
առաջ։
Մայր
մը
ուրիշ
չեշտ
պիտի
չգտնէր։
|
Աղջիկը
հաւաքեց
ինքզինքը,
մտքով
կանչեց
մեռնողը
ու
բել
նով
տուաւ
անոր
անունը:
|
«Օվակենց
Հարսը
քար
կտրեցաւ»,
պիտի
ըսէր
տեսնող
մը։
Իրաւ,
անոր
պատկերը
աւելի
բան
էր,
քան
«աղ-արձան»ը
ծանօթ
հեքիաթին։
Չկրցաւ
իսկ
հետեւիլ,
թէ
ինչպէս
իջած
էր
այդ
սառումին,
ակռաները
խածնելէ
ու
շրթունքները
արիւնելէ
ետքը։
Կատուին
գլուխը
միայն
զինքը
ասդին
բերաւ,
երբ
բերեց
սրունքը։
Արիւնը
կը
քալէր
իր
մէջ
ու
տաքցաւ
մէկէն։
Իր
սուրբի
պէս
մեռնող
տղան
այս
աղտոտ
պատմութեան
խառնե՛լ։
Բարկացաւ
անիկա:
Իրա՞ւ
է,
Նազիկ։
|
Ձայնէ
դուրս
գան
էր
անոր
ընդերքէն
փրթած
այս
զղջատար
ու.
վախկոտ
հարցականը։
Իրաւ
է։
հանդարտ
էր
Նազիկին
ձայնը
ու
բնական։
Մեր
անկեղծութիւնը
երբեմն
պէտք
չունի
փաստի։
Հաստաս
ու
համակելուն
այս
81
—
պատասխանը
չունեցաւ
սակայն
իր
ամբողջական
արգասիքը։
Դեռ
նեղութիւն
մը
կը
զգացուէր
անոր
դէմքին
վրայ։
Ու
վարանում
մը,
որ
փայլակի
պէս
խաղաց
անոր
աչքերուն
խորը։
Յետոյ
վճռական,
լուրջ
ու
ինքնիրմէ
բացակայ
շեշտով
մը՝
է
Երեք
ամսու
եմ։
է
Աւելի
ահաւոր
էր
այս
յայտնութիւնը
ու
բացարձակ՝
շեշտին
ամբողջութեամբը։
Բարի
կինը
վիրաւորուեցաւ
գրեթէ։
Իր
հայեացքը
մօտ
էր
նախատինքին
ու
յօնքերը
շարժումի
մսոն։
Չափեց
զայն
վերէն
վար։
Բայց
քայքայուեցաւ
իր
տարակոյսին
վրայ։
Հարկ
չկար
անոր
փորը
բռնելու։
Բայց
չկրցաւ
ձեռքերը
արգիլել,
որոնք
ճամբայ
ելան
ու
ընկրեցան
ամօթով։
հիմա
իրարու
կը
նային,
կրակին
արտակարգ
լոյսին
մէջ։
Ու
այդ
բալսումին
յաջորդեց
այքան
փնտռուած
հանգիստը։
Փախստեայ
ուրախութիւն,
որ
ուրուացաւ
բայց
չերեւաց։
Զգացին
ատիկա
երկուքը
մէ
կան]։
Աղջիկը
թե՜
թեւցեր
էր
ու
ազատումի
հով
մը
կը
մարդկայնացնէր
անոր
զրկուած
չորութիւնը:
Հեղնա՞ն։
Ան
ամ
չցաւ
սրտին
այս
յայտնութենէն։
Աշխատեցաւ
սքողել
այդ
դիւային,
բայց
իրական
Հեղումը
իր
ներքին
աշխարհին։
Անոր
դէմքին
գիծերը
քաղցրացան
հեռաւոր,
բայց
հզօր
ճառագայթում
է։
Յետոյ
վարանք
մը։
Ան
կը
ինտռէր
թռած
մտածումը
ու
կը
զարմանար
չգտնելուն։
Մէկէն
լոյսը
ինկաւ
մտքին
մէջ։
Այս
անգամ
ըմբռնումը
կատարեալ
էր։
Դարձեալ
ջանաց
զսպել
Հըրճլանքին
ցոլացումը
իրմէ
դուրս։
Իր
շեշտը,
մեղմ
ու
կարեկից,
չէր
յարմարեր
ձայնին
անծածկելի
ժպիտին։
Ինչո՞ւ
չըսիր
առաջ։
Անիմաստ
էր
իր
նախադասութիւնը
այն
չատ
մը
ուրիշներուն
պէս,
զոր
մեր
բերանը
կ՚ըսէ
մեր
մտքէն
անկախ։
Բայց
իր
ձայնը
կը
լսէր
գոնէ,
որ
այդ
կեղծ
զգեստովը
կը
վարէր
իր
ականջները
ու
կաղատէր
զինք
ամօթէն։
Ուզեց
կանչել
ամուսինը։
Էրիկ-մարդ
է::
վերջապէս։
Անոնց
խելքը
աւելի
կըլլայ
միշտ։
Նազիկը
ընդդիմացաւ։
|
Հինգ
վայրկեան
ետք
երկու
կիները
մտան
իրենց
բնական
մարմիններուն
մէջը։
Ու
անոնց
առջի
ընտանութիւնը,
Թումասին
մատովը
ընդհատուած,
դարձաւ
իրենց։
Բախումէն
ետք
պարտադրուած
դադարն
էր
գոնէ
սա
գիշերուան
համար,
որ
սկսեր
էր
այնքան
ուրիշ
աշխարհների
ու
կը
յանգէր
այս
խոստովանութեան։
Աղջըկան
բառերը
նախ
եղան
գրեթէ
միավանկ
ու
ընդհատ։
Հետզհետէ
պատմութիւնը
պատռեց
ամօթին
կապերը
ու
քչեց
աղջիկը
բանալու
ողբերգութիւնը։
Ու
տարօրինակ
էր,
որ
ան
չգործածեց
իր
զգայնութիւնը
համադրող
չարագուշակ
բառը։
Ու
չըսաւ
ինչո՛ւն։
Բայց
աւելի
տարօրինակ
էր,
որ
լուսնալուն
այսքան
մօտիկ,
անիկա
չունե
82
ցաւ
վաղուան
կեանքին
վրայ
ծագող
սարսափին
ոչ
իսկ
հեռաւոր
փշաքաղումը։
Ոչ
իսկ
տագնապը
այն
բուռն
պահերուն,
որոնք
իր
ետեն
էին
հիմա։
Անհուն
երախտիքով
անիկա
կը
համբուրէր
Հեղնան,
նստած
անոր
գիրկը
ու
չէր
նայեր
պատուհանին,
որ
տարտամօրէն
ինքզինքը
ձեւել
կը
սկսէր
մութին
պատերէն։
[1]
Շահ
ածել
կատարեալ
խնամքով
վարուիլ։
[2]
Չար
չար
ոգիներ,
որոնք
առագաստին
շուրջը
կը
դառնան։
Անոնք
թշնամի
են
մանաւանդ
փեսային
ու
կը
վախնան
դանակէն։
Փեսան
ունի
դանակ։
[3]
Քընծ–մեզ–աղէկ
այսպէս
պէտք
է
սիրաշահիլ
ոգիները,
անոնց
անունը
չտալով։