Ծակ պտուկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

III

Յաջորդ առտուն, գեղացին թափած էր դաշտերը մեծ բազմութիւնով։ Ամէնուն ձեռքը երկար ձողեր։ Պէտք էր թօթուել ձիւնը ձիթենիներէն, որոնց ոստերը կը կոտրէին ծանրութեան տակ։ Թէեւ դժնդակ, բայց Հաճելի էր այս աշխատանքը, տեսարանին վայելչութեամբը: Արեւը աղուոր էր ու ձիւներուն վրայ Հեղուկ ոսկիի պէս կը նստէր։ Բայց համը կար մանաւանդ օրուան նորութեան։

Գայթակղութիւնը, գուցէ դեռ չուսցած, անցեր էր Հարսնիքին թաղէն ու մտեր տուներէն ներս, Հակառակ ձիւնի թանձրագոյն խաւին։ Ու տան–առաջներու մաքրութեամ բը տարուած ծերունիներն անգամ, իրենց դողդոջ ձեռքերը թիուն կոթին վրայ պաչ մը զետե ղած՝ դատում ու վճիռ ունէին։   Բացուեցան բոլոր լեզուները, հիմա մանաւանդ, երբ յոգներ էին ալ Հաճի Ստեփանին մեղքերուն վրայ։ Զարմանալի բան է, որ ամբոխը՝ գրեթէ միշտ պէտք եղած չափով մարդկային է արիւնի առջեւ ու առնուազն լուրջ, որ մէկ գիծով ինքզինքը եղբայր կ՚ընէ հազար օտարին, երբ գնդակը կամ դանակը կտրեն ասոր արեւը, ըլլայ այնքան տմարդի, անողոք կիներուն անկումներուն, մեծ կամ պզտիկ մեղքերուն դէմ՝։ Բարդ է այդ զգացումը ու չի մեկնուիր դիւրին չարութեամբ մը բնազդներու։ Մահը, հիւանդութիւնը, նոյնիսկ նիւ թական դժբախտութիւնները կրնան զինաթափ ընել գեղացին։ Բայց անիկա մեղապարտ կնոջ դատը կը սկսի առնուազն հեգնելով, յետոյ զայն կանցընէ իր երգերուն մէջ։ Չի մեռցներ հիմա (աւելի առաջ ատիկա գեղին օրէնքներէն կը թուին, բայց կ՚արհամարհէ զայն անհուն այն կոշտութեամբ, որ հողէն մթերուած է իր մատներուն, ինչպէս իր շրթներուն, դարաւոր մարզանքով։ 

Ու քանի մը ժամուան մէջ, նոյնիսկ աւելի առաջ քան օտար տակի ճաշը՝ ան գտաւ ու ըսաւ բոլոր կարելի ու անկարելի լրբութիւնները։ Շինեց նոյն օրուան մէջ, անխուսափելի վէպը, լայնօրէն շահագործելով, կրկնապատկելով զոհին գեղեցկութիւնը, մօրը անցեալը, Հօրը դժոխքը, ու այն բաբելոնեան տունին ամբողջ թաքուն ու անանուն մեղքերր։ Ու ոտքի ելաւ նորէն հին հեքիաթը Հաճի Ստե/83/փանին ու անոր մեռած կնիկը պտըտեցաւ ամբոխին բառերուն վրայ իր «Հրաշքի» մօտեցող արնապարտ գեղեցկութեամբը։ Անոր, ամբոխին հաւասարող դատաստանին մէջ, երկու կիները, «մարն ու աղջիկը» դրուեցան նոյն գիծին վրայ։ Ու խօսեցուցին ժառանգութիւնը, ամբարշտութիւնը։ Շատեր ենթադրեցին աղջիկը ծախուած, հօրը կողմէն, թուրքերուն, ոստիկան կամ պաշտօնատար, որոնք ազատ մուտք ունէին անոր տունը, ով գիտէ ո՛ր անխոստովանելի մեղքին համար «ամենազօր» փրկա՞նք։ Եղան ուրիշներ, որ աւելի առաջ գացին ու մտան այդ ամբարիշտ հօրը մեղքը։ Առասպելը թեթեւոտն է միշտ ու չի նեղուիր, կշիռ չունենալուն։ Իր յանդգնութենէն չի տառապիր ոչ մէկը, ամէնէն քիչ՝ ինքը

  Ժողովրդական յօրինումը սկիզբ տուաւ։ Ու կէսօրին լսելի եղաւ թաքուն ու խղդուած սենեակներէն Հին ու հզօր երգը՝ 

«Սիրեմ, Նազիկ, ընքուընիդ

  Օսկի գըրիչէն քաշած. ••• որ թարմացուց գեղին վրայ այլեւս փտած, որդնոտած մեղքը Հայրապենց Հարսին: Ու սրտառուչ էր անիկա, այսքան տարուան գերեզմանէն ետքն ալ։ Ոչ մէկուն մտքէն անցաւ Օվակին բարակուկ Թումասը, զոր մահը անխոցելի ըրած էր արդէն, ու ատով՝ աւելորդ։   Հայրը խենթացաւ, եթէ ուրիշ բան չէ ինքզինքը կորսնցնելը, աչքերը բաց տեղ մը նայիլը, առանց գիտնալու, ինքզինքը ծեծելը ու խօսիլ չկրնալը վայրկեաններով։ 

Խելքին պիտի գայ, Տէ՜ր, ըսաւ անոր մայրը, որ բոթը հաղորդած ատենը կը սպասէր շատ բանի, բայց երբեք այս անկարող քայքայումին։ 

Ո՞ւր է աղջիկը, հարցուց անիկա, շատ հեռուներէն խօսող մէկու մը այլուրութեամբը։ Բայց ձայնը մեր զգայութիւնները տեղաւորող, հաւասարակշռող հոսանուտն է։ Իր նայուածքը դարձաւ ետին։ Դարձաւ իրեն իր ահաւոր գազանութիւնը։ Անիկա կը հեւար ու չմռնչելու համար, քանի որ գինով չէր ակռաները կը խածնէր 

Դուրս նետեր են։ Ար չունի՞ն: Պոռնի՛կը։ 

Հայրապենց Խաթունին համար բոլոր կիները, նոյնիսկ վաթ սուննոցները ուրիշ բան չէին։ Պառաւը գտած էր իր զառիթափը։ Ինքնիրմէն դուրս, փրփուրը բերնին, ան կու տար ու կ՚առնէր բոլոր գարշանքը, որոնք կիները, կռիւներու պահուն, իրարու կը նետեն, պատուհանէ պատուհան։ Ան ամբողջ մեղքը կը թափէր Զաքարենց Մարիամին գլխուն։ Ձգեց տղան օճախին առջին, վազեց պատուհան /84/այս շարժումը բնազդական էր թաղին կիներուն մօտ իր պատկառելի գլուխը դուրս հանեց ու սկսաւ պոռալ, անլուր շքեղութեամբ, իր բերնին փրփուրին հետ ցօղուելով Զաքարենց գերդաստանին վրայ ամէնէն հոյակապ անէծքները։ Նոյն ատեն կը թուէր «պոռնիկներու» այդ սինսիլէին բոլոր հնարածոյ կամ ենթադրական մեղքերը, գեղի, թաղի, արտի անուններով, թուականներ ու յիշատակելի դէպքեր քշելով։ Ու անկարելի էր կասկածի տակ ձգել այդ հաւաստումներուն իրականութիւնը, այնքան կիրքը կը փոխէ մեզ ու մեր բառերը։ Անիկա սկսաւ անոր անարատ աղջիկնութենէն, զոր առանց խղճահարութեան թաթխեց կոյուղիին մէջ ու հալածեց զայն հարսնութեան տարիներուն, անկողինէ անկողին, քաղաքի քաղաք, կախարդէ կախարդ անոր ամուլ արգանդին զաւակ ճարելու համար։ Երեք զաւակ ունեցող կին մը արգահատանք կը հրաւիրէ իր վրայ։ Միակ զաւկի տէր մայրերը երկինքն ու գետինը իրար կը խառնեն՝ իրենց արգանդը բեղմնաւորելու համար։ Այդ աշխատութեան ամբողջ թաքուն գիտութիւնը պառաւներուն օրինագիրքը կը կազմէ։ Ու Հայրապենց Խաթունը գիտէր, թէ ինչ կըսէր Զաքարին մօրը հասցէին։ Ու կը պոռար, կը պոռար։

Հետզհետէ Հաճի Ստեփանը ըմբռնեց իրողութիւնը, իր ամբողջ ողբերգական հոծութեանը մէջ։ Ու տեսաւ, որ գայթակղութեան մէջ հարուածը կը գտնէր զինքը ամէնէն առաջ։ Ի՛նք՝ Հաճի Ստեփա՛նը։ Ինչո՞ւ չտածեց աղջկանը։ Ի՛նք։ Բայց առաջին կրակը անցաւ: Իրականութիւնը զինքը ըրաւ աւելի խոհուն։ հազար ենթադրութիւններ եկան ու գացին։ Ու մէկէն, կարծես թէ դուռին ետին երկար ատեն սպասողի մը պէս, իր ուղեղէն ներս խուժեց անոր մայրը, որուն վրայ չէր մտածած օր մը, տասնըվեց տարիէ ի վեր։ | Կարմրեցաւ, յանցանքի վրայ բռնուած մէկու մը նման։ Ելա տեղէն, ազատելու համար ինքզինքը մեռելին յաճախանքէն։ Բաց պատուհանէն ցուրտ Հով մը կը մսեցնէր անոր մարմինը, ուրկէ ինկած էր օղիին կրակը։ Բայց երեւոյթը չյամառեցաւ։ 

- Պոռնիկին (տէօ՜լբ» ••• 

Թռաւ իր բերանէն։ Իր աղջկան հասցէին էր այս բացագանչութիւնը, ու անով իր կիրքը յագուրդ կառնէր կնիկին, որ իր ծոցին մէջ իսկ խաբած էր զինքը։ | Պառաւը չէր գիտեր, թե ինչեր կը պտըտէին իր տղուն գանկին տակ։ Անիկա ուժ առաւ անոր այդ երկու բառէն ու դարձեալ վազեց պատուէան, դոյլ մըն ալ մեղք թափելու։ Անցնող-դարձողները՝ լուրջ, արագ կերթային իրենց գործին ու չկար մէկը, որ զարնէր անոնց դուռը։ Օվակենց վարագույրները աւելի քան երբեք պատանքի պէս էին, պատուհաններու մարմինին վրայ։ 

/85/ 

 

Ու սպառեցաւ։ Այս գրգռումը, հարսանիքին յոգնութիւնները, ցուրտը իրարու խառնուեցան խղդելու համար անոր ձայնը, որ խըղդած, փսոր–փսոր բան մը եղաւ: Դարձաւ ներս, փակեց պատուհանը ու մօտեցաւ օճախին։ Չէր կրնար նստիլ։ Անէծքը դարձեալ կը յորդէր, բայց մեղմ, կամաց բառերու վրայէն։ | Հաճին նստեցուց անիկա, արգիլեց աւելորդ խօսքը։ Բերանը ց օղուեց գաւաթ մը օղիով, յետոյ ելաւ իր սենեակը։ Բացակայութեանը ընթացքին պառաւը կը շարունակէր բարակ հեծկլտուքը, որ արցունք չէր, բայց բառ ալ չէր։ Հազիւ քանի մը անգամ մտքին ներկայացաւ թոռնիկը։ Բնաւ չխորհեցաւ Զաքարին վրայ։ Բայց չէր կրնար ինքզինք ազատել Մարիամին ճնշումէն։ Ու իրականը այն էր, որ մինչեւ այդ տարիքը մաքուր ապրած կնիկը իր կողմէն այդպէս ներկուած, շինուած՝ ստացեր էր վաւերական պատկերացում։ Ու կը չարէր կռիւի այն բանաձեւերը, որոնք դուրս պիտի տար անոր դրան առջին, հրապարակելով անոր «սուտ ճգնաւոր»ի (ամէն պարկեշտ կին էր անոր համար) գի՞րք մը մեղքերը։ | Տղան մտաւ սենեակը: Կը կրէր ամէնէն ծանր ու գեղեցիկ զգեստները։ Սպառազինուած էր ան ամէնէն լուրջ, վտանգաւոր բախումներու նախօրին նման։ Երեսին նայողը չէր կրնար գուշակել, թէ որու դէմ յուզուած էր այդ անասնային ցասումը, որ անոր աչքերը կը ծանրացնէր ու կարգիլէր քիչ-չատ ուղիղ, տանելի նա։ ւածք մը։ Պառաւը սարսռաց։ Զղջաց իր ըրածին։ Բայց անկարող էր հակակշռելու։ Անիկա ուզեց յապաղեցնել անոր դուրս ելքը տունէն, զանազան պատրուակներով։ Բայց տղան պատասխան չտուաւ։ Սեղմեց իր քիթը ամուր ~ վճռական որոշումները քիթով կու տար այդ մարդը ու փողոց իջաւ։ | Մերկացուցած էր մէկ ու կէս կանգուննոց ոճրագործ սուրը, որ պտըտած էր Պրուսայի դաշտերէն մինչեւ Իզմիրի բովանոցները։ հսկայ մէջքին հաստըցող գօտիին փոթերէն զոյգ ատրճանակներու կոթերը տարերկրեայ օձերու գլուխին նման իրարու կը կռթնէին ու նայուածք ունէին։ Ու չէր երգեր անիկա, խմած չըլլալուն։ Ու մռայլ էր ան, դէմքին դրած անկշռելի ժաէր, ու նայուածքին՝ կոյր բայց կպչուն թոյն մը։ Այսպէս չինած իր երեսը՝ անիկա աւելի սարսափելի էր, քան հոգէառ հրեշտակապետը, որուն պատկերը, իր քսան աչքերովը, ու ահարկու թուրովը, գեղացին կը պտըտցնէ իր հետը, զայն տեսած ըլլալով ժամուն պատին, տղայ օրերէն։ Ու կերթար անիկա, զարհուրելի, բայց գլուխը կախ։ Ու նորութիւն էր անոր վրայ այս բեկումը։ Պատուհաններու ետեւէն ցոյց տուին զայն կիները իրարու, սարսափով ու արգահատանքով, անմիջապէս քի/86/թերնուն տակէն մռլտալու համար համբաւով երգին անմոռանալի յանկերգը։ Անոնք կը մեղքնային Հայրը, ու կը խնդային աղջկանը վրայ: | Անոր գնացքին, աղտոտ, ձիւնով լպրծուն մեծ փողոցը կ՚ամայանար պատահական անցորդներէ։ Ու առանց որոշապէս տեղեակ ըլլալու անոր մտածումներուն, անոր ուր երթալուն, գեղացին խորհեցաւ սարսափելի բախում էին։ Սօսիով աղբիւրին մօտ, ճամբան կը ճղուէր։ Անիկա վայրկեան մը վարանեցաւ։ Յայտնի էր, թէ երկընտրանքի մը առջեւն էր։ Նայեցաւ պզտիկ զառիվերին, որ ժամ կը տանէր։ Նայեցաւ իր դէմքը։ Ու մտաւ պարունակուող դիծին մէջ, որ որսորդներու սրճարանը կը հանէր։

Սրճարանը ցանցառ էր բազմութիւնը։ Գեղացին գործի էր դաշտերը։ Ուրիչ մաս մը երիտասարդները չէր փախցուցած առիթը ու վազեր էր որսի։ Տարիքոտ որսորդները, ոտքերնին տուած կեդրոնի մեծ վառարանին՝ կը խօսէին անտարբեր։ Անոնք կակուղ ձիւնէն վախնալու պատճառներ ունէին ալ ու չէին աճապարեր։ Այս արեւով, ադ ձիւնը վաղը առտու երկաթ կը դառնար

| Հաճի Ստեփանը լսեց այս դատաստանները, դուռէն մինչեւ վառարանին մօտ գալու ընթացքին։ Որսը կինէն ետքը իր խորագոյն բնազդներուն խօսող նիւթը եղաւ միշտ։ Բարեւեց։ Նստաւ, կռնակը պատին, փայտէ երկար ու անթիկունք քանափէի մը վրայ։ Անոր պատին հետ կազմած անկիւնին մէջ քիչ մը շեղ հանգչեցուց բաց սուրը, բերանը դէպի դուրս։

Ոչ մէկը, հակառակ օրէնքն, սիրտ ըրաւ, անոր աչքը լուսնլու։ Ձախլիկ Թադեոսը, յարգի որսորդ մը (որ իր պիտակ անունը պատիւի տիտղոսի մը պէս կը կրէր, զայն չաչած ըլլալով գերմարդ կային հերոսութեամբ մը, մինակը ճակատած՝ չորս հարիւր օդանոց արջու մը դէմ, ու դանկըտելով գազանը) կրկին սկսաւ իր ընդհատ ւած դիտողութիւններուն, օդին, վարազին, գելերուն ու մարդ աղբարներուն (արջ) վրայ։ Ալ ծերացած, ականջները ծանր այս մարդուկը պատմել գիտէր ու չամ կար շրթունքներուն ու բարի նա ւածքին վրայ։ Հաճիին մուտքը պաղ ջուրի մը պէս կտրեր էր ոդեւորութիւնը։ Բայց որսորդը պարտք սեպեց դառնալ իր Հեքիաթին։ հիմա բառերը շրջագայեաց էին։ Բայց մանաւանդ նեղուած։ Ան կը տառապէր, վասնզի չէր գիտեր ընելիքը։ Պէ՞տք էր լուսել աչքը թէ ոչ։ Մինչ այդ, ապսպրած էր պարտաւորիչ սուրճը, երկարած մեծղի ու արծաթ սիկառի տուփը։ Ու այդքան։ | Հաճին փաթթեց սիկառը։ Մտիկ ըրա։ Բայց չկրցաւ իմ ել սուրճը։ Ան չէր տեսներ իր շուրջը ու չնշմարեց, թէ ի՛նչպէս Փանէլենց Նշանը ամփոփեց ինքզինքը, աջ ձեռքը մխրճեց գօտիին մէջ 

87

ու նստաւ ծունկերուն վրայ, պատրաստ ցատկելու։ Բայց շարժումը չվրիպեցաւ միւսներին, որոնք առանց վախի չէին տեսներ այս նորԺԱնուկ երիտասարդի փառասէր ու դիւրագրգիռ անփորձութիւնը։ Քիչ առաջ, երբ Հաճին չէր եկած դեռ, անիկա արդէն յարձակած էր Հայրապենց սինսիլէին վրայ, համարձակ ու լիրբ, ու Թադեոսը հազիւ համոզած էր զինքը լեզուն կարճելու։ «Մարդուն աղբն ու օսկին Տոս պէլի չըլլար, օղլում։ Մարդուն քիչ, Աստըծոյ շատ եղած տեղը (լեռներ), Հասկցա՞ր», ըսած էր անիկա քաղցր ու հաստատ շեշտով։ Ու բազմութիւնը իրաւացի գտած էր փորձառու ու ձախլիկ 

Թադեոսը։ | Ստեղծուեցաւ ճնշում։ Հաճին խօսեցա՞ւ։ հարցո՞ւց Զաքարը։ Լաւ չէին գիտեր։ Մէկը պատմեց, թէ առտուն կանուխ որսի էր գացեր։ Չուզեց աւելի գիտնալ։ Ինքն ալ համակուած էր իր հարկադրած անձուկէն։ Նորեց սիկառը։ Ու տեսան, որ փռեցաւ Թադեոսին ականջին։ Կը խօսէր կարճ, ցած բառերով։ Ու ձայնին ընկերացող յօնքի ու մկանի շարժումները ոչինչով արտակարգ էին։ Փանէլենց Նշանը հազաց խոշոր։ Բոլոր նայուածքները դարձան անոր։ Հաճին տեսաւ անոր դաշոյնին կոթը։ Ներսով գոհ էր անիկա ամէն նման թե՜ րումի համար։ Բայց զգաց, թէ տղուն նայուածքին մէջ ծանրութիւն մը, գրգռում մը կար։ Ու մոռցաւ դառնալու իր խօսակցութեան, որ յայտնապէս կը նեղէր բազմութիւնը։ Հետզհետէ այդ անհանգիստ բանը վերածուեցաւ պաղ, սառեցնող ճնշումի։ Սրճարանին կաղ աչ կերտը խորունկ վախով մը կը փոքրէր իր հասակը, գլուխը իջեցնելով շատ ցած, տախտակեայ գործատեղիին պաշտպանութեանը։ Այդ վարժութիւնը՝ վասնզի օր չէր անցներ առանց Հրազէնի մը որոտին, այդ բարբարոս կեդրոնատեղիին մէջ։ Ու օր չէր անցներ առանց եղբայրասպան մահի։ | Տէր Եղիային մուտքը քիչ մը թեթեւցուց այս լարուածութիւնը։ Քաջ ու սիրուած որսորդ էր քահանան։ Հակառակ իր խոր ծերութեան, չէր դիմացած փորձութեան ու մտած էր սրճարան քանի մը բերան խօսք փոխանակելու տղոց հետ։ Մեծ եղաւ իր զարմանքը Հաճին հոն գտնելուն։ Ժամկոչէն տեղեակ պատահածին՝ անիկա մտադրած էր կէսօրին անոր տունը երթալ ու «ձեւի մը կապել»։ Յետոյ մօտեցաւ, աթոռը քչեց անոր սաքուին։ Ապսպրեց երկու սուրճ, ու Հրամցուց քթախոտը։

Հաճին առած էր անոր ողջոյնը, բայց մատ չերկնցուց համբաւաւոր տուփին։ Տէրտէրին՝ պնդումը անյարմար կը թուէր։ 

Վայլե՞ց աս, Տէր Եղիա։ 

Անկարելի էր ճիշդ իմաստը Հասկնալ նախադասութեան։ Անկարող ուղղակի պատասխանի մը, վարժուած հոգեկան այս պա 

88

քարներու քմայքին, անիկա խոհեմութիւնն ունեցաւ երկդիմի չարժումով մը ճօճելու իր հոյակապ մօրուքը։ Իր կարգին այս դրօշակը շատ տեղ ունեցեր էր կախարդական ազդեցութիւն։ Հաճիի՞ն վրայ։ Տէրտէրը գիտէր անոր անզօրութիւնը։ Բայց վտանգին ճակատելի առաջ, անիկա կը փորձէր անգամ մը շուռութքը, նմանելով դասակարգին Հին ու նոր հոգեբաններուն։ Վառարանը նոյն վայրկեանին սկսաւ դողդղալ։ Բռնկած էր նոր նետուած փայտ մը։ Ու բոցին ճընչումին տակ կափարիչը կը հեծկլտար, մարդկային կուրծքի մը պէս, ու աղմուկով, արագ-արագ սկսաւ շունչ առնել, թրթռացնելով ամ բողջ կազմածը, մինչեւ խողովակները։ Զայրոյթի պատկեր մըն էր։ Մէկը խելք ըրաւ քիչ մը շունչ տալու եւ կափարիչը բացաւ կիսով։ Վառարանը դարձաւ իր հանդարտ բայց հոյակապ այրումին։ Պատուհաններէն ձիւնի ժանեակները կը հալէին։ Ներս մտնող կոչիկները, վառարանին հարկ կարմիրին դէմ, շուտով կը սեւնային ու թաց գետինէն թեթեւ չոգին կը ծաւալէր, խառնուելով սիկառի ծուխին։ 

Ճուղապ (պատասխան) չտուիր

| Հաճին էր։ Իր ձայնը կարծր էր բայց իր յօդերուն մէջ բեկԼած ու փրթելու տրամադիր։ Անիկա մտքովը դուրս էր իր ձայնէն։ 

Կը մտածենք։ 

Դուրս էր Տէրտէրն ալ իր բառէն։ Բայց անոր ձայնը տաք էր լորովով, կարեկցութեամբ

| Հաճին չերկրորդեց։ Ան փուչի վրայ նստողի մը պատկերը ունէր այդ պահուն։ Ցոգնութիւնը մեզ մէկ կտոր կը դիզէ աթոռի մը կամ անկիւնի մը։ Կիրքը մեզ կը խորտակէ իբր ամբողջութիւն, բայց մեր մասերը անդադար կը հարուածէ։ Ու Հաճին կը զգար ատիկա: Ցաւի պէս ծանրութիւն մը կը պտըտէր իր վրայ։ Ու յաջորդաբար շարժումի կը տանէր անոր մարմինին զանազան կէտերը։ Չէր կրնար նստիլ։ Չէր կրնար ելլել։ Նեղուած ու քիչ մըն ալ ամօթով, հարցուց թէ որսը որ կողմն էր։ Պատասխանուեցաւ, թէ չէին գիտեր: Ու այս լարուածութիւնը երկարեցաւ ատեն մըն ալ։ Քիչքիչ, պզտիկ, վարանոտ ցուցմունքներ երեւան բերին Հաճէին զայրոյթը՝ Զաքարին դէմ՝։ Անիկա բրտութեամբ սաստեց Աւագենց Ապոն, որ հաճոյակատար ու վախկոտ՝ կը մեղադրէր երիտասարդը։ 

Նայինք իրա՞ւ է։ | Հակառակ քանի մը վաւերական դեպքերու, որոնք ծոցի գիշերուան կատակերգութիւնները կը մնային ու կը պատմուէին խընդուքով, Հաճին՝ քարի պէս կարծր նայուածքով մը լեզուն պուկին գամեց այդ ապուչին, որ «կապած–ասել» մըն էր մնացեր ու ալ 

89

խարէք մտեր՝ մօրը «կապովը»։ Ան ի՞նչ կը հասկնար որ։ Յետոյ դարձաւ ինքն իր վրայ։ Հետեւելով իր մտածումներուն բացատրեց՝ կտրուկ ու յստակ՝ թէ ինչո՞ւ իր «ափին մէջ մեծցած» այդ երիտասարդը ըլլար այսքան անխելք, «քոքուր», իրենց անունը տատանկ բերնի ծամոց ձգելու համար ասեմին ու չասեմին։ | Թադեոսը, իր «կարճ խելքովը»՝ իրաւունք տուաւ Հաճիին։ Բայց Տէրտէրը համարձակեցաւ աւելցնել։ 

Ի՞նչ ընէր... ։ 

Հաճի Ստեփանը ծուռ ու հեգնական՝ նայեցաւ անոր փսոաոյ ու անխելք մօրուքին։ Տէրտէրը ամ չցաւ։ Ուզեց բացատրել։ Բայց Հաճին զայն լռեցուց ձեռքի կողմնակի բացուածքով մը ու սուղունցաւ իր մէջ։ Ան կը նեղուէր մանաւանդ անկէ, որ ուրիշներ տարբեր կրնային դատել դէպքը, այնքան բացարձակ էր իրեն համար իր մտածում էին ծանրութիւնը, լիութիւնը։ Անոր աչքերը փոքրացած, գոյուելու պէս եղան։ Ու նեղ այդ գիծը, որ թարթիչներուն զոյր սուիններուն ներքեւ բանտարկուած կը դադրի աչք ըլլալէ, մթագնեցաւ աւելի սոսկալի բանով մը։ Այնքան ծանր էր ատոնք իբար: Հրող պատկերը, որ դէմքը ամբողջ ենթարկուեցաւ անոր ազդեցութեան։ Յայտնի էր, թէ անիկա չատ հեռուները, վարերը կը նաէր։ Ու տեսա՞ծը։ Երբ դարձա ասդին, աչքերը բացած էին վարագոյրը ու կը վառէին խոշոր ու պղտոր կրակի կաթիլներու նման, այնքան արիւն կար համախմբուած անոնց մէջ։ Բայց իր բառը ելու բերնէն զսպուած ու հանդարտ

Ի՞նչ ընէր։ | Զարմացան մտիկ ընողները։ Բայց երբ անիկա իր նայու ածի՝ երկար կախեց տէրտէրին, այն ատեն անդրադարձան։ Հաճին կեցաւ այդպէս սեւեռած։ Ճիգ կար իր ամբողջ անձին վրայ։ Ուղեց խօսիլ։ «Բերանը վրայ չէր երթար», ինչպէս կ՚ըսեն։ Աչքերը նորէն վերած ւեցան չարագուշակ մատիկներու։ Ու թարթիչները կը թրթռային անաղմուկ ու թեթեւ։ Բայց երրորդ անգամ՝ ըլլալով՝ 

Ի՞նչ ընէր։ 

| Ու ինչպէս մէկը, որ վար կը նետէ ինքզինքը աճապարուսո եւ տենդոտ՝ 

Կը խղդե՛ն, Տէր Եղիա, կը խղղե'ն։ | Էականը ըսուած էր։ Լայն ու հանդարտ չունչ առաւ ու կանո նաւորեց իր արուած դէմքը։ Մտիկ ընողները հեռու էին Հաճիլին դժոխքէն։ Ան տեսաւ պատկերը, պատկերները, որոնք իր ուղեղին պատերուն կը զարնուէին։ Ու գրեթէ յայտնի, չօշափելի, տեսանելի էր անոնց զարկը ա'յնքան՝ որ սարսռաց ուրիշներու ներկայութենէն։ 

90

Ու քիթին տակէն կը մռլտար, առանց որոշ դիտումի, բառերը հատիկ–հատիկ

_ Կը խղդե՛ն, տէրտէր, կը խղդե՛ն։ 

- Բայց իր ձայնին զգայութիւնը կ՚աւելնար իր ներքին զայրոյթին վրայ։ Մտապատկերը կը պրկէր իր ուղեղին դաշտերը, կը նեղէր անոր սահմանները ու կը գրէր, կը գրէր անոր բերանը՝ բացուելու, յորդելու, «ճգնելու»։ Դուրսէն, ամէնէն պզտիկ չչուկն անգամ՝ հզօր ու խոշորցած՝ կը թափանցէր իրեն ու Հովին պէս կ՚արծարծէր անոր հրդեհը։ | Տէրտէրը փոխելու համար մտածումներու այս ուղղութիւնը, փորձեց իջեցնել որսի տեսարաններ, որոնց յիշատակը սիրելի ըլլալու էր հիմա, երկուքին ալ։ Հաճին մխրճուած՝ կը շարունակէր իր մռլտուքը, որ կը մեծնար ու կը ցածնար, եղերական նախադա-- սութիւնը ունենալով իր կեդրոն։ Յանկարծ՝ 

Կը խղդե՛ն, երկու բարձին արան, կը դնեն կլոխը, կը խըղդե՛ն։ Հասկցա՞ր։ Թամամ մօրը պէս։ 

Ու հանգչեցաւ: Կը փնտռէ՜ր իր բառերուն արձագանգը, երբ անձկալից նայեցաւ կրկին իր շուրջը։ Անոնց խոշոր–խոշոր բացուած ակնարկէն չթափանցեց իր ըսածին ու ըրածին։ Տարիներ առաջ, շշուկը նոյնութեամբ շրջան էր ըրած ամբոխին մէջ։ Տարիներ առաջ, կրցած էր տապալել վանիլենց դատը, օխաներով ոսկի հոսեցնելով։ Բայց անկէ ասդին մոռցած էր կինը։ Ու չէր տառապած այդ ոճիրով, այնքան՝ ուրիշներու յաճախումը, ուրիշներու գեղեցկութիւնը գրառեր էին զինքը։ Չէր տառապած մանաւանդ այդ կնիկով, ովեւէ կնիկով, իրը կամ ուրիշինը։ նոյնն էր ատիկա իրեն համար։ Ու չէր խորտած, օր մը օրանց, հաւանական պատուհասին։ Բայց գեղերը կարդիանային։ Դատարանները սկսած էին «թարակը քննել» Հայ գիւղերուն մէջ։ Ու գրեթէ անցնելու վրայ էին այն օրերը, երբ դիւրին էր ու կարելի վկաները լռեցնել սարսափով, արդարութիւնը՝ ոսկիով:

Երկու մարդ, կամաց, քաչուեցան դուրս։ Անոնք լաւ չէին գտներ կացութիւնը։ Ու փորձը ունէին, ասանկ եղելութիւններու յաջորդող հետապնդումին։ Կառավարութիւնը անողոք էր վկաներու հանդէպ ու տուգանքով կը պատժէր թերացումները։ 

Տէրտէրը մռայլեցաւ։ Իր թաւ մօրուքը կը դողար ակնյայտնի՝ իր պրկուած կզակներուն ամբողջ սարսուռովը։ Բայց աւելցուց։ 

Խենթ խօսք չուզեր։ Բերանդ քեզի ժողմէ։

Ամբոխին վրայ այս պաշտպանութիւնը ազդեց խոտոր համեմատութեամբ։ Զրկուողին, աղքատին յատուկ բնազդական ատելու թիւնը ուրուացաւ սրճարանին մէջ։ Բայց ոչ մէկը համարձակեցաւ 

91

առաջին արտայայտութիւնը ընել։ Միւս կողմէն՝ Հաճիին բարկութիւնը կը մնար իր բարձր չափերուն վրայ։ Անիկա շարունակեց։ 

Հարամ ըլլան ասոնք ինծի (երկու մատով թօթուեց պե խերը), Հարամ ըլլան, բան որ ըսէի։ Պոռնիկը չեն մորթեր, կը խղդե՛ն։ | Կեցաւ: Բայց աւելի նեղ՝ որքան չէր սկսած ատենը։ Բառերը

որոնք կը փրթէին ուղեղէն, լեզուին վրայ գալու տեղ, կը մոլորուէին է ու կը կորսուէին: Պէտք էր աշխատիլ ատոնք թանձրացնելու համար։ 

Ու այն ատեն տաժանագին ու անկիւնոտ քերուըտուք մը կը խարտէր իր կոկորդը։ Յետոյ, բառերէն դուրս ուրիշ ուժ մը կը պտըտէր գանկէն մինչեւ բերանը։ Անիկա կը Հրուէր, շատ յստակ ուրուացումի մը մէջէն։ Մէկէն անդիմադրելի պատկերը՝ երկունքի սենեակին։ Այնքան նոյն, այնքան իրական է, որ վեց աչքերը։ Ի՞նչ էր որ կեցուց զինքը այդ պատկերը արտաքնացնելէ։ Մատները քանի մը անգամ՝ ակօսեցին իր ճակատը։ Ամէն կողմէ խայթուած՝ անիկա չէր կրնար կառավարել իր բազմամեայ ու փորձ մարմինը: Ոտքի ելաւ ու նըստաւ։ Ու չէր գիտեր ըրածը։ 

Կեանքին մէջ երբեք մեծ չջարդած, միշտ գործած, երբեք չսպառնացող, միշտ զարնող այդ մարդուն համար անսովոր էր ինքզինքը գովելու, ոճիրի գնով ինքզինքը իբր օրինակ փչելու այս տե սարանը։ Անոր նեղուած բառերը առատացան։ Անոր նախադասութիւնները, կիրքով յորդած՝ չէին մատներ մոլուցքը, խենթութիւնը, որուն կ՚ենթարկուինք մեծ վտանգներու դիմաց։ Բայց արդարութիւն գործադրելու այս տարօրինակ կերպը կը շեղէր իր նպատակին: Ան գրեթէ մատնած էր ինքզինքը։ Իր աղջկան վրայ իր կատաղութիւնը սպառելու այս ճամբան նուազ եղերական էր իր հետեւանքովը: Մարդկային է, որ Հայր ու աղջիկ գորովի կէտի մը կարենան կապ չիլ, իրենց ոգորումներուն ընթացքին: Ու շատ հազուադէպ է, որ ատելութիւնը ընդմիշտ անջատէ մայրը զաւակէն։ 

Անիկա չտուաւ բաւական ատեն Զաքարին անունը։ Թադեոսը խելք ունենալ կարծեց, անոր ուշադրութիւնը հեռացնելու տղուն անցանքէն ու փորձեց զարգացնել Հաճիին ներողութիւնը, դովելով պարկեշտ տղան, որուն անունին ոչ մէկ արատ էր փակած մինչեւ այս օրը։ - Բայց, հակառակ սպասուածին, այս գովեստը ունեցա. չատ յոռի հակազդեցութիւն։ Հաճին անոր մէջ տեսաւ յայտնի պարսաւ մը իր «արատով» յղփացած կենցաղին դէմ, որ վիրաւորանքի մը պէս կճեց այդ անզգամ՝ մարդը։ Խղճահարո՞ւմ։ Ոչ անշուշտ։ Բայց չէր ներած, որ իր մեղքերը երեսին տրուէին։ Նայեցաւ՝ բիրտ՝ Թա

92

դոսին։ Բայց ամչցաւ ինքնիրմէն, մէկ «ձեռքը կապ» մարդու մը հետ իյնալու համար։ Թադոսին գովեստին երկրորդ ու վերջնական արդի՞ւնքը։ Հայրը արթնցուց այդ գազանին մէջ։ Մինչեւ այդ վայրկեանը անիկա չէր զգացած, թէ որքան խորունկ էր իր մէջ իր «կատաղի» սէրը զաւկին հանդէպ։ Անիկա նոր միայն տեuաւ, թէ ինչ որ ըսած էր քիչ առաջ, անոր մեղքը պատժելու համար, ինչ որ թելադրած էր, արտաքին էր ու սուտ։ Ու այդ մտածումով վերասար ձաւ մտքովը իր սենեակը։ Ան զրահուա՞ծ էր այսպէս (ձեռքովը շօշափեց գօտիին մէջ թաղուածները) եւ երբեք իր աղջկան համար։

Տեսան, որ կը տառապէր: Նոյն վայրկեանին անիկա հայրն էր, որ կը մտնէր իր աղջկանը տրամին մէջ։ Ու այդ կէտին վրայ անիկա ո՛չ աւելի էր ոչ ալ պակաս սա նստողներէն։ Այս մտածումը, բեկումը ծաւալեցան իր մարմինին մինչեւ յետին նեարդները ու ըրին զայն փափուկ ու լալու պատրաստ՝ կնիկի մը պէս։ Զգաց իր տկարանալը ու ոգեկոչեց թշնամին։ Ատիկա բաւական եղաւ, որ սրբուի առջեւ վիճակը։ Անոր ներքին շարժումները պրկուեցան կրկին կիրքին աղեղովը։ Ու անկարելի էր նայիլ անոր աչքերուն. այնքան գորբոքում ու ատելութիւն կուտուած էին հոն

Ելիր

Տէրտէրն էր, մտադրած զայն հանելու դուրս այս շրջանակէն, ուր վտանգը պատրաստ էր ամէն ակնթարթի։ 

Ձգէ՛: | Սաստեց անիկա տէրտէրը, որ առանց զգածուելու, չարունակեց իր մեծ համրիչը քաչել, անտարբեր բայց խորապէս մտազբաղ, Մէկիկ–էկիկ նետելով անոր հատիկները։ | Հաճին իր կատաղութեան պարունակին մէջն էր հիմա։ Անիկա երկու ձեռքերը՝ սուր՝ մխրճեց իր գօտիին, քիչ մը միջոց, դիւրու թիւն ճարելու համար շունչին, որ նեղ կու գար։ 

Հայրապենց Հայրապետին գերեզմանին վրայ երդում, - ըսաւ անիկա զարհուրագին վճռականութեամբ մը, ամբողջ մարմնով: դողդղալով։ Ամբոխը քար կտրեցաւ ու պաղ զգաց։ Հաճին կեցած էր: Ցետոյ պատկառտ ու շատ լուրջ՝ անիկա իր ձայնին միացուց խաչի մը ուրուագծումը, որ մատներով գծուեցաւ, բացառապես ուղիղ ու ամբողջ (քառասուն տարի չխաչակնքած այդ մարդը ուրկէ գտաւ այդ գեղեցկութիւնը)։ Երդումը տպաւորիչ էր շատ։ Ներկաները գրեթէ Հեւալով հետեւեցան նախադասութեան։ 

| - Կլախը թռցնեմ պըտը, ա'ս ձեռքով։ 

| Անիկա ձախը ցոյց տուաւ, աջին անարժան համարելով թըռտըւելիք գլուխը։ 

93

Անորոշ էր սպառնալիքը։ Որո՞ւ կուղղուէր այս անվրէպ գործադրուելիք պատգամը։ Աղջկա՞ն թէ տղուն։ Տէրտէրը զգաց այս ահաւոր անասնութիւնը: Ուզեց միջամտել։

Հաճին ոտքի էր։ Առաւ անիկա անկիւնէն հսկայ դանակը, զարկա անութին փայտի կտորի մը պէս: Ձեռքը գօտիին մէջէն գտաւ վեցհարուածեանին բլթակը։ Լսուեցաւ լարուելու աղմուկ, որ խըղդըւած ու գույլ արձագանքեց բուրդէն։ Ու կամաց, կոխելով երկաթի պէս, դուրս ելաւ, մոյկերը ամուր—ամուր թօթուելէ ետքը գետինին։ 

Տէրտէր, տէրտէ՛ր, Փանէլենց Նշանն էր, աս մարդիկը վկա՛յ։ Կարգը, մօրուքդ վկայ։ Չլսեցի չըսես։ 

Սո՛ւս, վրայ տուաւ քահանան, քու •••դ տալուն չէ blud inuhu: | Ներկաները կուշտ եւ ազատ խնդացին այս սրամտութեան վրայ, որ կը յատկանչէր տակաւին թարմ, բայց անփորձ արկածախնդրութիւնները ու անոնց Հերոսները։ 

Էս Հասկըցնեմ պըտը անոր։ Ի՞նչը, չկրցաւ չաւելցնել տէրտէրը քիչ մը տաքցած։ Ի՞նչը։ 

Փանէլենց Նշանը ոտքի ելաւ։ Ու տեսնուեցաւ, որ երիտասարդը ունէր Հաճիին հասակը։ Ունէր անոր մոյկերը։ Անոր գօտիին փոխարէն փաթթած էր պարսկական չալ, որ կը լրացնէր անոր կապոյտ շալվարին յաւակնոտ նորութիւնը։ Ու անոր ալ դաշոյնին պատանքը դուրս կը հանէր իր ոսկեգոյն գունտոտ ծայրը մէջքին միւս կողմէն։ Ու կեցաւ, ձեռքերը սափորի մը կոթերուն պէս աղեղած՝ իր կուշ տերուն։ Այդպէս ամբարձած ինքն իր երիտասարդութեան աւիւնին վրա՝ անիկա գեղեցիկ էր ու պատկառազդու

Արիւնը արիւնով չեն լուար։ 

Տէրտէրն էր, որ առջին ցցուող այս ձեւին մէջ կարդացած էր նոյնքան ուժ ու սրտոտութիւն։ Հաճոյք էր այդ բարեկազմ տղաքը ճանչնալ մանաւանդ քաջութեան պսակով մը։ Ու իբր Հին չուան կտրտող մը, ներսէն Հաճ՝ ան գողտր շեշտով արտասանեց վերջին առածը։ փանէլենց Նշանը չպատասխանեց։ Անիկա ինքզինքը կը զգար հանդիսաւոր հոգեկանութեան մը մէջ։ Քաջութիւնը, ինչպէս Հինե րուն ասպետութիւնը, ասպարէզ մըն էր, որ պարտէր սկիզբ առնել պատմական արարքով մը։ Մինչեւ մօտ ժամանակներ թուրքեր կամ թիւրքմէններ էին, որ առաջին առիթը կու տային համբաւներուն

Պէ հէյ օղուլ՝ ինչո'ւդ է պէտք էվէլ խօսք։ Մարդը գողտուկ չըսաւ: Աս տամ ականջ լսեց։ Գնա' զրուցէ ժանտարմային, դուն քէջդ նայէ

- 94

Գիզիր Մելքոնն էր։ քանի տարի է հանուած իր պաշտօնէն, Հաճիին սպառնալիքովը։ Հաւասարապէս կատէր տէրտէրն ու Հաճի Ստեփանը։ բոլոր Զաքարները ու Զաքարցուները, որոնք գեղին մէջ ստեղծեր էին նոր կարգ մը ու իրենց դանակին երկայնքովը կը ձեւէին ու կը չափէին ամէն բան։ հարուստն ու աղքատը կը դողային այդ մարդերէն:

Կրկին չպատասխանեց Փանէլենց Նշանը։ Աղմուկը ծայր տուաւ։ Ոմանք լսած չէին համբաւաւոր յայտարարութիւնը։ Խոհեմներն էին ասոնք, որ Հին, մեռած խնդիր մը ողջնցնելուն մէջ խէր չէին գտներ։ Ուրիչներ վարանոտ էին ու խոստովանութեան իմաստը լաւ չէին ըմբռնած։ Բայց ամէն մարդ վճիռ ունէր անպատճառ։ Քիչ-քիչ գաղափարները մտան վտանգաւոր ճամբու մը մէջ։ Գեղին շահը կը պահանջէր, որ բոլոր այդ դանակի ասպետները սանձուէին, պատուհասուէին։ Ատոնց բռնութիւնը կ՚անդրադառնար անզէն բազմութեան, որմէ ամէն շաբթու մէկը կիյնար թուրքերուն սահմաններուն մէջ։ Ո՞ւր կերթար ասոր ծայրը։ 

Տէրտէրը ելաւ դուրս: Գլուխը դուռնէն ներս խոթելով աւելgolg

Հաճին կու գայ կոր։ 

Աէնքը լեզունին քաչեցին ու նայեցան Փանէլենց Նշանին, որ զգաց այդ նայուածքներուն իմաստն ու հարկադրած պարտքը։ Պըրկեց ինքզինքը։ Անիկա վճռեր էր, ի՛նչ գնով ալ ըլլայ, դանկըտել Հաճի Ստեփանը: Ու մէկ ձեռքը դաշոյնի կոթին՝ նետուեցաւ վար, վառարանին մօտ։ Բայց տէրտէրը կատակած էր։ Քիչ ետքը Նշանը դուրս ելաւ, գլուխը խորունկ թօթուելով։ Ան աւելի վճռական կը թուէր, քան նախորդը։

Տակաւին նոյն օրն իսկ իրկուն չեղած, Նազիկին գայթակղու թեան վրայ աւելցաւ հօրը խոստովանութիւնը։ Կը հաւատային ու կը մեծցնէին, ինչ որ ըսուէր ու լսուէր այդ տունին վրայ։ Յայտնութիւնը մտաւ ամէն տեղ, ոտքի հանեց աղիտաւոր բայց Հանդած ատելութիւններ: Բոլոր անոնք, որ Հաճիին դէմ «փորի ցա» ունէին, Տեր–Գասպարենց Հաճի Փանոսը (ան՝ որուն տղան էր զոհուած) ու Եղիազարենց Եղիան (ան՝ որուն աղջիկն էր խղդուողը), ու մեծ ու պզտիկ, յայտնի կամ անանուն թշնամիները ոգեւորուած էին նոյն ու մէկ մտածումով տապալել այդ մարդը ու անոր կռնակէն գեղին այդ ամբարիշտ դասակարգը։ 

Ասդին, Օվակենց Հեղնան երկրորդ գիշերն իսկ հեռացուց իր տունէն դժբախտ աղջիկը։ Օրը անցուցեր էր ան, յիշատակներով ու

| 

85

նշխարներով լեցուն սենեակի մը մէջ։ Թաքստոցի այս կեանքը կը սկսէր պարզ, վտանգէ դուրս թեթեւութեամբ մը։ Այնքան ճշմարիտ է, որ աղէտին հետ ճակատում՝ մը մեզ անզգած կընէ ու ապառնին սեւ է անոնց համար, որոնք տժգոյն ներկայ մը ունին։ Հաստ վարագոյրներուն մութովը սեւաւոր՝ անոր հոգին ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունեցա ու չվախցաւ, երբ իր ներքեւի սենեակին մէջ լսեց հօրը սպառնալիքը։ Հաճին ամբողջ օրը չափած գեղին բոլոր փողոցները, նոյն զրահումով, ելած մօտակայ ճամբաները ու տուն դարձին խօսքի էր բռնուեր դրացի Օվակին հետ։ Յետոյ ելած քիչ մը անոր սենեակը ու հոն արտասանած իր բանաձեւը

Թըռցընեմ պըտը կլօխը... այս ձեռքով»։ 

Անկէ առաջ, ցերեկին, Հեղնա հարսը ընդունած էր Հայրապենց Խաթունը, որ ալ հանդարտեր էր լեզուով, բայց ներքնապէս բռնկեր էր բոլորովին։ Ան ապահովուած թոռնիկին կեանքին վրայ, խորապէս կը սարսափէր իր տղուն բարկութենէն, որուն ելքը դըժլար չէր գուշակել։ Ու կանիծէր իրենց ընտանիքը, որ հեռուէն հանդիսատես միայն կը մնային պատահելիքին։ 

Օբակենց հարսը առանց նեղուելու կամ կեղծելու գտաւ վըշտաբար, կարեկցուն շեշտը, որ դիւր կու գայ բոլոր տառապողնեթուն, հոգ չէ թէ անիկա անմիջական նպաստ մը չնետէ նժարին մէջ։ Անուշ ու լուրջ բառերով ան աղաւորեց* պառաւը։ Օրերը ասանկ մնալու չէին։ Ամէն ցաւը տուողն է Աստուած։ Մենէ առաջ ան կը ճարէ դարմանն ալ։ Կողորմի ու սիրտերը կը կակուղնան: Չոր քարին հոգի ու խոտին արցունք տուողը իր ստեղծածները չի մոռնար։ Առանց անոր տերեւ չի «ժածիր»: Այս մտածումները իրենց անխելք պարզութեանը մէջ, ուրիշ ատեն անպատեհ՝ արժանի էին իրենց արժած ճարտասանութեան։ Հարկ չկար աճապարելու։ 

Բայց յաջորդ գիշերն իսկ իր մարդուն խորհուրդովը, պառաւի մը պէս զգեստաւորուած՝ անիկա փախցուց աղջիկը իր կեսրոջը տունը։ Այսպէս բաժնուած մեղքին ու աղէտին կեդրոնէն, ան կրնար սպասել ուրիշ օրերու: Պատողները չէին գիտեր իրենց ընելիքը։ Բայց կարեւորը չէին ձգձգած։ Ու հարսանիքին երրորդ օրն էր դեռ

Ծակ–պտուկը ցոյց տուաւ բացարձակ կրաւորութիւն: Անցնելով այդքան կարճ ատենի մէջ, այնքան բարդ ու ահաւոր իրադարձութիւններէ՝ անիկա մահէն ազատուողի թմբիր մը կը զգար ուղե զին մէջ։ Բոլոր կիրքերը, բոլոր վախերը, փափաքները այդ աներե

| + Աղաւորել հիւրասիրել, լաւ պայմաններու մէջ ու գոհունակ ճամբու գնել

96

տյթ մշուշին մէջ կը թուէին մեղմանալ։ Չէր փնտռեր, թէ ինչո՞ւ կը պահուէր, ինք՝ որ աշնան առաւօտէն ասդին ամէն օր հեղ մը մահուան վրայ մտածեր էր անպատճառ։ հիմա ան ալ կարծես աւելորդ էր: Զգայութեանց այս նուազումը հակակշռող ո՛չ մէկ տարր իր շուրջը, ուր դէմքերը տարբեր էին իր վարժութիւններէն։ Ուր մթնոլորտը ողջ մեռելութեան այնքան մօտիկ էր, իր փսփսուն ու խորհրդաւոր աղօթքներովը, լռութիւններովը։ Ուր մատը դուրսէն չէր, որ պիտի գար, քանի որ ամէն ժամու զայն յիշեցնող պատկեր մը, ասութիւն մը, սաղմոս մը կը փրթէր գիրքէ մը կամ բերաններէ։ հետզհետէ այս պայմաններուն երկարումովը անոր թմբիրը վիրասորուեցաւ: Մ չուր ծակծկող սլաքները ծակծկեցին նոյն ատեն իր առժամեայ անզգածութիւնն ալ։ Օրուան մէջ քանի մը հեղ կը հագնէր իր կացութեան լրջութիւնը, մահուան այսքան մերձաւորութիւնը։ Ու չես գիտեր ինչպէս իր վիճակը նմանցուց հոգեվարքի մը, որ ունէր միւս, իրական հոգեվարքներուն բոլոր ստեղները, նրբութիւնները։ Ու աւելի՛ն. դժոխքին ապահով սարսա՜փը, որուն մասին կը լսենք ու կը լսենք, իսկոյն մոռնալու համար, բայց որ կը գամուի պատին կամ առաստաղին, երբ Հրեշտակը իջնէ մեր դէմը։ 

Առջի գիշերը անիկա պառկեցուցին Արդար Առաքելին կնոջը ծոցը։ Յիշեց իր ճակատագիրը, երբ պառաւին խարխուլ միսերը դպան իր կարծր դնդերներուն։ հարսանիքին առագա՜ստը։ Բայց եսթանասուննոց այդ գիրկին մէջ ան գտաւ շատ աւելի բան, քան բուն իսկ իր մեծ մօրը գիրկէն։

Անով զբաղեցաւ ամէնէն չատ Արդար Առաքելը, որ պատմութեան տեղեակ ըլլալուն պես, գլուխ էր ճօճած խորհրդաւոր զայ րոյթով մը ու բռունցքը պնդացուցած՝ իջեցնելու համար զայն մարդկութեան ամէնէն մեծ ոխերիմին, «Սադայել»ին գլխուն, խոշոր ու թանձր ու մեղքի մը չափ տգեղ անէծքով մը խարանելով անոր հնարամիտ «աւազակութիւնը» (ծերուկին համար մեղքը աւազակութիւն մըն էր Աստուծոյ կալուածներէն)։ Անիկա իր պզտիկութեանը տիրացու էր եղած ու գիրքերը ճանչցած։ հիմա, հակառակ քառորդ տեսնելուն, ան ամէն օր կը քրտնէր երես մը կարդալու, բորոտ Աստուածաշունչէ մը։ Ու իր բարկութիւնը կը թանձրանար, հայհոյութեան հետ շփոթուելու աստիճան: Մեղքին այս յաղթանակը զինքը կը հարուածէր ուրիշ կողմով մըն ալ, իր արիւնէն ալ թել մը բռնուած կը զգար այս «աւազակ» որոգայթին մէջ, զոր փորձողբ լարեր էր, հակառակ իր անունին ու մականունին։

Երրորդ օրն իսկ Ձորակի թաղէն չորս ընտրուած, պինդբեբան ու առաքինի պառաւներ ժողովք բրին։ Նիւթն էր փորի տղան

97

Դժուար չեղաւ որոշումը։ Տղան պէտք էր անցընել։ Մեղքը, եթէ կար, թող Աստուած վարձք տեսնար: Անոնք իրենց կեանքին յիշատակարաններուն մէջ չէին գտներ նման դէպք մը, ուր աղջիկը արտօն

էր ուրիշ, պսակուողներու նման զաւակ ունենալու: Մօրը ճակտին այդ մուրը ո՞վ կրնար արել։ Օվակենց Հեղնան թափեց իր վշտահար պերճախօսութիւնը, եռանդուն, սրտագրաւ ու անձնուէր՝ մինչեւ ինքնազոհում։ Պառաւները անողոք էին։ Անոնք տեղի տուին միայն, երբ հասկցան Հեղնա հարսին չարժառիթները։ Իր թոռնիկը այսպէս պաշտպանած ատեն իր մէջ կը խօսէր ընտանիքին ամէնէն նուիրական դերանը մեծ մա՛յրը, որ թերեւս մինակը բերած է մեր ցեղը մինչեւ նոր օրերը։ Ան դարձեալ իր արցունքներովը, փաստերովը յանձն առաւ ողոքել Առաքելին արդարութիւնը, որ կարծրացած ու անսիրտ բան մը դարձեր էր ալ, իր մարմինին նման ու ինքզինքը պարտադրելուն մէջ չէր կենար մարդկայինին գետինը։ Վիրաւորուած մարգարէի մը պէս՝ անիկա բազկատարած անէծքով մը վռնտեց իր «նզովից արմատ» հարսը, երբ անիկա պարզեց ծրագիրը։ Ան յիշեց հանդարտ ու օծուն շեշտով մը Աւետարանին այն համարը, ուր գրուած է «Վա՜յ անոր, որուն ձեռքովը գայթակղութիւնը պիտի գայ: Աւելի լաւ էր, որ ծնած չըլլար»։ Ծերունին կը հաւատար իր կարդացածին։ Ու վայրագ էր ան ու պահանջկոտ, երբ աւել։ ցուց։ «Թող անիկա ճիտին երկանաքար մը կապէ ու ծովը նետէ, ինքզինքը»։ Յստակ էր ակնարկութիւնը։ Բայց պառաւները միջամտեցին։ Անոնց ուժ կու տար աւանդութիւնը։ Արդար Առաքելին գիր քերը ուզածնին կրնային գրել։ Կա՞ր անոնց մէջ մէկը, որ՝ 

Անոր տեղը ըլլար ու գրէր։ Այն ատեն տեսնայի բերնին չափը: Մեղա՜յ, մեղա՛յ։ | Ըսողն էր Տայճոնը, Առաքելին կնիկը, որ իր էրկան բառերուն վրայէն տեսեր էր ճամբան, որ լիճ, խեղդուելու կը տանի խաբուած աղջիկները։ Ան առաւ քիչ մը լրջութեամբ բորոտ Աստուածաշունչը ամուսինին ծունկէն ու դրա առէքը։ Հեղնան արցունքով ու ողբով հետեւեր էր վիճաբանութեան։ Անոր վճռական ու յուսահատ վիշտը ընկճեց Արդարին ալ ընդդիմութիւնը։ Տղան ապրէր պիտի։ Ինչպէ՞ս։ Ատիկա նիւթը պիտի ըլլար ուրիշ ժողովքի մը։ Այս ամէնուն մէջ ոչ մէկը բան մը հարցուց «Հարս» Նազիկին։ 

Շաբթուան մը ընթացքին, երիտասարդ աղջիկը գտաւ այն քաղցր ու վայելուչ Հասունութիւնը, զոր տառապանքը, մեծ վտանգ ները եւ «կենաց ծառ»ին գիտութիւնը կը Հայթայթեն մեզի։ Մէկը կարծես կամացուկ իր վրայէն սրբեց-տարաւ այն անփոյթ ու խակ բանը, որ աղջիկն է միշտ։ Որ ղինքը կապրեցնէ կեանքի լուսանց 

98

քին, ուրիշներու համար։ Որ բեռն է տունին, երբ չէ նշանուած, ու Հաւանդն ու փորձանքն» է մօրը, երբ չէ կարգուած։ 

Ու հողէ մութ սենեակին խորը, որուն մէկ հատիկ լուսամուտն ալ փակուած է ճերմակ քողով, երէկուան աղջիկը այսօր կին է, գեղացիներուն այնքան յուզումով արտասանած «Հարս» Նազիկը։ Անիկա կսկծագին բայց նուիրական ճամբով մը հաղորդուած է կեանքի հսկայ առեղծուածին։ Մեր պառաւները անոր վիճակը կը պատկերեն «աշխարհ մտնալ» բացատրութիւնով։ Բայց անոնք չեն գիտեր, թե ինչ դժնդակ փորձերու գնով անիկա արժանի եղած է այդ «բախտին», ինչպէս կ՚անուանեն զայն «գովք»երը, երբ ազապ աղջկան մը մատը կու լան:

Մահուան ծանրութի՛ւն ու հասունութի՛ւն, որ ծնունդէն իսկ կը տեղաւորուին բոլոր վաղազրաւ մարմիններուն վրայ ու կը պայծառանան կեանքի որոշ հանգրուաններուն։ Մահուան ընտանութի՛ւն, որ անհաւատալի կը թուի բոլոր ուրիշներուն բայց որ շօշափելի, բնական է Նազիկին համար: Անիկա ապրած է անոր հետ, տարիներով, իր չսիրած Թումասին վրայ, անոր գիծ-գիծ բարձրանալը գրեթէ չափելով։ Ու այդ տղու օրերուն իսկ անիկա շատ ալ չէ կապուած այն խախուտ ու սուտ բանին, զոր այնքան կը մեծցնենք։ Ու տակաւին սարսուռին տակն է այն փլուզումին, ընկղմումին, զոր ունեցեր էր մեռնողը իր միսերուն մէջ։ Այդ հոսո՛ւմը անոր պատանութեան, անոր անհուն պապակին բո՜ցը, որ վազեր էր իր ծիծերուն ու մարմինին զանազան խորշերուն, անոր անյագ շաղապատումը, որ անոր ոսկորները մխեր էր մինչեւ իր սրտին դուռները պատկերներ էին, որոնք իրեն սորվեցուցին։ Ու անիկա չէր կրնար ազատիլ միւս տեսիլքէն, նուաղած ու մեռելի պէս դեղին տեսիլքէն, երբ վար առեր էր անոր՝ ալ անիմաստ մարմ ինը իր վրայէն, դրեր քովիկը ու նայեր անոր փակ աչքերուն, երանաւէտ դէմքին: Այս գնով էր որ հասկցաւ, թէ ինչ կ՚արժէ մեր կեանքը։ Ու կը միտէր հաշտուիլ մեռնողին հետ, զոր ատեր էր մինչեւ Հարսնանալը ու թերեւս մինչեւ երէկ։ Ինչո՞ւ: - Բայց հարցումին հետ, անգիտակից մղումով, իր ձեռքերը կ՚երթային որովայնին։ Ու ահա ուրիշ մտածումներ, կեանքին գա ւառներէն, բոլոր այն խուլ, պղտոր մորմոքումը, պատառ մը հացի, բերան մը համբոյրի, գիրկ մը միսի ետեւէն անորակելու մեր արշաւը, ան՝ որ գեղերուն մէջ կը վերածուի իր պարզագոյն բայց անողոք ձեւին ու կը տապալէ մեզ, մանաւանդ երիտասարդ։ Բոլոր այն պզտիկ ու վերջնական վայելքները, որոնք իրենց ճղճիմութեանը մէջ նոյնքան ողբերգական են, որքան քաղաքներուն հոյակապ ըղ

99

ձաւորումները, որքան խենթ ու անհաս ծարաւները կեանքի մեծ տարփաւորներուն։

Գեղացի աղջի՛կ։ ՄԻ՛ ըսէք, թէ անոր ուղեղը չի հասնիր այս ամէնուն։ Մահն ու սէրը գերագոյն իրականութիւնն են ամէն տեղի համար։ Ձեռքը երկար պահելով իր փորին վրայ, կարծես բնազդաբար զգալով, թէ իր ափերուն պիտի չտրուէր սրբազան վայելքը հոն մեծցողը ատանկ մօր պէս ձեռնելու, անիկա կ՚ըլլար խաղաղ ու մա՛յր, ինքնապատկեր ու սրտառուչ։ Բայց այս պատերը կը հալած 

էին միւսներէն, անստուգութեան, վաւերական ոճիրին, մահուան հետ իրապէս շաղկապուած կտորներէն, որոնք իր օրերը պատառ պատառ կը բաժնէին, իրմէ անկախ, իրեն հակառակ։ Անիկա կը խորհէր այս բաներուն՝ բռնադատուած ու լալով։ Երբեմն այս յուզումները զինքը կը գտնէին անփոյթ ու գեղեցիկ լքումի մը մէջ, կռնակը տուած խսիրէ բարձին, մենաւոր, մոռնալով իր անցեալը, իր հայրենի տունը, ուրկէ տարագրուած էր այս ողջ գերեզմանին, ի՛նք՝ համբուրելի շառաւի՜ղը մեծափարթամ ու ամէն բանի արտօնուած տունի մը։ Երբեմն աչքին առջեւ կու գար իր չսիրած Հայրը, որուն դանակն ու հոգին աղտոտ էին այնքան։ Բայց մանաւանդ անիկա ինքզինքը կը խածնէր, երբ իր մտքին կը ներկայանար Զաքարենց Զաքարը էրիկ մարդը, որուն մարմինէն իր մէջ ինկած խռովքը դեռ չէր պաղած իր միսերուն վրայ։

Ու տխուրը այն էր, որ իրեն այցելողներէն անկողինի այս տեսիլքը յամառագոյնն էր ու ամէնէն վրդովիչը։ Ամբողջ իր մասերը «կը պոկուէին, իր ոսկորները թրթռումի կը մտնէին ու մասնաւոր անկիւններուն ծոցը, ճմլումներ, այրումներ ու մահ իրարու կը յաջորդէին, ծաղրելով զինքը, չամչնալով իր ամօթէն, հեգնելով իր մեղքը, իր երկինքը։ Ու չէր կրնար ճիշդ սեւեռում ունենալ։ Անիկա կը ճանչնար հեշտանքը։ Ու կը տեսնէր, որ չէր ան, ինչ որ կը յուզէր զինքը։ Փորձեց նոյնացնել իր այս ծփանքները միւս պահերուն, երբ հօրը տունին մէջ, ապրած էր հեշտանքը, բայց ուրիշներու հաշուոյն, ուրիշներէն որսալով իր մէջ առաջնորդելու համար, այն ձեռքերէն, որոնք կը պարէին ու կը դողային, պոռնիկներէն: Բայց չէր գար մռայլ ու անպատմելի փոթորիկը, որուն խորհուրդը՝ անհաս բայց զգլխիչ, անբաժան է, հեքիաթի պատմուճանին պէս, աղջիկներէն։ Ու կը բռնանար իր մտքին, օրական քանի մը անգամ, ճիշդ առնելու համար այն պատկերը, ուր ինկած էր եղերական գի չերին, երբ տղան պսեր էր զինքը իր բազուկներուն մէջ, իր հարսի քողին թրթռուն մեղեդիովը, իր մետաքսաւէտ ու թաչեայ մուշտակումին ամբողջ եղկ փսփսուքովը, ու առած ամէնէն առաջ չըրթունքները իր բերնին մէջ։ 

100

Ու չէր գտներ։ Պատկերը մեռած էր, աւելի ուժգին ցնցում ներու ներքեւ, բայց կենդանի ու նուաստացուցիչ կերպով մը յստակ էր միւս երեսը այդ գիշերին, ուր այդ բարբարոս տղան նախատեր էր իր մարմինը, ճգնաւորի կատաղութեամբ, ու թքեր՝ իր ծիծերուն վրայ։ Առանց հեծկլտուքի, ձայնով լացի՝ չէր կրնար անցնել այդ տեսարանին վրայէն։ Ու անիրաւ, անգութ կը գտնէր զայն։ Անիկա չէր սիրած Թումասը։ Բայց երկո՛ւ կուսութիւն ալ ունենար, երկուքն ալ պիտի չսակարկէր անոր, անոնց, բոլոր Թումասներուն, որոնք մահուան մէջէն կը սիրեն, ու այնքան հեռու, օտար, երկնային կը համբուրեն եւ որոնց մարմինքն իր մէջ անցածը այնքան հեռու, օտար ու երկնային էր եղած։ Ու ո՛վ որ իր աննուաճ պատրանքը կը բանտարկէ պատի մը բարութեան մէջ ու կը բանտարկէ իր մարմինին մէջ միւս աննուաճ երազը, ա'ն միայն կը հասկնայ, թէ ինչ խոր է մարդերուն անգիտութիւնը իրարու դիմաց ու որքան սուտ է կեանքը, զոր կը ցուցադրենք ուրիշներուն, վաւերականը պատելով մեզի, թերեւս նոյնքան միամիտ անգիտութեամբ մը։

Իր զգայարանքներուն այս ոսումները, ամէնօրեայ իրենց հարուածովը, կրկնութեամբը քիչ-քիչ ներգործեցին նաեւ իր մտածե լու եղանակին։ Շրջապատին ալ մռայլ նոյնութիւնը նպաստ մըն էր այդ ուղղութեամբ։ Ու հակառակ միւսներուն, հարսներու ճակա տագրին՝ անիկա իր պզտիկ ուղեղը գործածած է ծանր բաներու, աշխարհը կշռելու, ինչպէս կըսէ Արդար Առաքելը, երբ բորոտ Աստածաշունչին տախտակէ կողքը հանդիսաւոր կը փակէ ու մէկ ձեռքին մէջ դժուարով գիրքը բարձրացուցած՝ 

Մէկ համարը աշխարհքը կը կշռէ։ 

Ու գիտէ։ Ու իր գիտցածը հիւրի մը պէս չէ եկած իրեն։ Տեղաւորուած ու նոյնացած է իրեն հետ։ Իր հօրը տունին մէջ կեանքը կիրքերու հեղեղ մըն էր։ Օվակենց Հեղնան ու անոր տղան՝ մահուան մեքենաներ։ Վայելքը, զրկանքը՝ իրենց ծայրայեղ սահմաններուն տարուած։ հիմա՞։ Ան կը գտնէ, որ կեանքը ուրիշ բան ալ է։ Ու այն անդունդէն, որ մարդերու սիրտ կը կոչուի, իրեն կ՚երկննան չչուկներ, վախկոտ ու համեստ ու կը պատմեն իրեն պարզ, բայց խորունկ բաներ։ Աշխարհը մինակ մեղք, աղտ, հիւանդութիւն կամ գինովութիւն չէ։ Անիկա համակերպուած հերոսութիւն ալ է։ (Ու իր փղձկած սիրտը ճամբայ կը գտնէ դէպի ընդարձակ տառապանքը, որ գեղացիները կը կապէ հացին, օրուան ապրուստի անագորոյն մղձաւանջին)։ Անիկա գեղեցկութիւն ալ է։ (Ու իր միտք կը շինէ իր աչքին առջեւ՝ համանկարը այն աղուոր բաներուն, որոնք կը բուսնին ու կը բացւին դաշտի ծաղիկներուն նման, տղաքը, տուները, ծառերը, պար

101

տէզները, նոյնիսկ հետզհետէ աճող գերեզմանատունը գեղին ու Հարսները ու ճամբաները, բոլորը՝ որոնք մեր ձեռքին ու քրտինքին հետքերը կը կրեն ու կը յուզեն մեզ)։ Ու բարութիւն, մեծութիւն ալ է ան։ Ու գորովով կը դողար իր հոգին այն նուիրման ու քաղց րութեան վրայ, որ իր թաքստոցը կը պարուրէր վարդի Հոտի մը նման ու կը մեղմ էր անոր վէրքին կսկիծը։

Ան սիրեց, հոդ, բացառիկ ջերմութեամբ, քվակենց Sայտոնը։ Ինչ ալ պարզ կը տեսնուէր անջրպետը, որ կը զատէր Հայրապենց Խաթունը ամբողջ հոգի, ամբողջ զոհողութիւն այս պառաւէն։ Խոր չանք չեկաւ անոր՝ նոյնիսկ փտած մարմինէն, որ չորնալու վրայ փայտի մը նման կարծր ու փուրոտ տեղեր ունէր։ Զարմանքով, պետոյ Հաճոյքով տեսաւ, որ ոչինչ կար վրան աւելի կաշի, միս, ոսկոր, այնքան մը միայն, որ այդ աւերակը կարենար ինքզինքը տեղափոխել, առտու-իրկուն, մինչեւ Աստըծոյ տունը, ուզելու համար լռութիւնը ամբողջ աշխարհին, իր գեղին, յետոյ իր թաղին, ամէնէն վերջը իր տունին, իր բառովը ըռիետութիւնը բոլոր ապրողներուն, մրջոմէն (մրջիւն) մինչեւ թագաւորը։ Ուզելու համար պարտութիւնը, կորավոր քայքայումը, իր բառերով՝ կոխկռտուիլը Սադայէլին, որ մեր բոլոր ցաւերուն միակ պատճառը կը մնար, տէրտէրին ալ վկայութեամբը, բորոտ Աստուածաշունչէն յետոյ:

Նազիկին համար սփոփող ու կենդանի օրինակ է առնուազն վաթսուն տարի տառապանք ապրած սա պառաւը։ Ու անոր վրայէն իր միտքը կը վարժուի կիներուն ճակատագրին, որ գեղին մէջ կը սկսի շատ կանուխ, ախոռին ու արտին մէջէն, պահ մը ոսկիով ու նշանով կը պսակուի ու առագաստ կը վազէ, շուտ մը վերադառնալու համար իր իսկական ակօսին, ուր ցան ու զրկանքը, մեղքն ու բարիքը իրենց հոսանքին վրայ կը տանին զայն ու կը նետեն պառաւութեան սա աւերակին։ Կ'արժէ՞ ծանրանալ, խենթանալ պզտիկ խաղերուն վրայ, որ այդ գնացքը կ՚ընեն երբեմն բարի, զուարթ, բլուրներու փէշերուն, ուր անիկա կը կրկնուի վերէն ու մէկէն։ Երբեմն՝ վայրագ, վիժանուտ, խենթ՝ խարակներուն ստեղներէն բզիկ տըւած, վիրաւոր փառքի մը նման նետուած դէպի անդունդը։ Տղաքը շարել իրարու ետեւէ մէկը չաւարտած՝ միւսը սկսիլ կին չեղած՝ մեծ մայր ըլլալ։ ու խորհիլ հոգիին վրայ: Ադենականը չհասկցած՝ պատրաստուիլ անդեզականին։ Աւելի՛ն։ Այո: Հասկընալ Տայճոնը, այսինքն՝ թափանցել գաղտնիքին, որ կը ճանչէ մեր վրայ, բայց չի կրնար մեզ ճաթեցնել։ Կեանքին մամո՛ւլը, ինչպէս Կըսեն աւելի խելահաս երկիրներու մէջ։ Անկէ պիտի անցնին բոլոր աստնուորները, ինչպէս անցած է երանեալ պառաւը, ինչպէս պէտք է անցնի դեռ երէկ անոր պատերը ափ առնող Նազիկը։ Ահա թէ ին

102

չու աղջիկները երկինք չեն նայիր, բայց մտիկ կ՚ընեն դէպի հոն չուլլըւած բերաններուն եւ ոսկորներուն հեւքն ու հեքիաթը։

Ու Տայճոնը պատմեց։ Անոր հեքիաթը կը գունաւորուէր խիտ, ճշգրիտ այն իրականութեամբ, զոր ուժգին, խոր ակօսուած զգայութիւններ կը դիզեն մեր ուղեղի տախտակներուն ու մեր բառերը կ՚ընեն իւղոտ, հոսուն, փափաքելի ու աներկբայ։ Ու ինչ որ կեղծ կը հնչէ մեզի ամբարիշտ, չէզոք բերանների, այդ մկրտութեամբ կը դառնայ միակ կարելի, յանկուցիչ իրողութիւն։ Ինչ որ սուտ կու գայ բոլոր Նազիկներուն, երկնքին իրականութիւնը (երբ ժամն ու տէրտէրը կը խօսին, կամ գիրք մը կը մրմնջէ) անառարկելի ստուգութեամբ մը կը համակէ ուրիշ ոլորտէ, երբ կ՚արձագանգէ։ Պառաւը ինչպէ՞ս լաւ գիտէ թանձրացնել այդ զաղփաղփուն պատկեր ները, անոնց վրայ թափելով պուտ–պուտ հաւաքուած սրբազան հեղուկը մեր տառապանքին, հա՜մը արցունքին ու զգլխանքը, յետոյ հիասթափումը մեղքին։ Ինչպէ՜ս լաւ կանդրադարձ է այն պայծառութիւնը միւս աշխարհին, ուր մտած է արդէն իր կէսովը։ Ամէն առտու, իր անկողինէն ելլելու ատեն, ան իր գերեզմանը գոցողի պէս կը ծալէ վերմակը։ Հապա Աստուածամա՞յրը, որ իրենց պէս անցած էր զաւկի ու մահուան ցաւերէն։ Հապա դրա՞խտը։ Այս ամենը ձեռքիդ պատրաստ սեղանի մը պէս համով, պառաւին շրթներուն վրայ, չէին տկարանալ, երբ կը թափանցէին Նազիկին մէջ։ Վասընզի աղջիկներուն համար անհասկնալի է երկինքը։ Անոնք կը վախնան, կերազեն, բայց իրենց երազին թեւերը մեղրամոմ է չինած են ու միշտ զանոնք գետին, անկողին կը ձգեն։ Ջերմեռանդութիւնը սեռային վիճակ է անոնց մօտ։ Ու քառասունի դուռներուն միայն կը համոզուին հեքիաթին։

Անհուն եղաւ անոր ազդեցութիւնը հարս Նազիկին վրայ։ Առաջին ու էական բարիքը՝ ապրելու համակերպումն էր աղջկան, ոչ՝ ինչպէս մինչեւ այդ տունը՝ անիմաստ, գուցէ մեղապարտ հետաքրքրութեանց իբր գոհացում։ Անիկա չէր մեռցուցած ինքզինքը, իբր կին։ Նոր շրջապատը անոր առջեւ բացաւ ուրիշ հեռանկար, ու երկրորդ, երրորդ գիծի նետեց անոր ուղեղին վրայ երեք ամիսների ի վեր մշտապէս սաւառնող մահուան ժապաւէնը։ Աւելի՛ն. իմաստ ու խարիսխ ճարեց անոր կսկծումներուն դէմ։ Մաքրուելու, երկինքին արժանաւոր կին դառնալու, ապաշխարութեամբ Աստըծոյ գութը շահելու պարտքը ծանր հաւասարակշռութիւնը շնորհեց անոր վարանոտ նաւակին, մարմինին։

Շաբաթ մը ետք անոր թաքստոցը բերին կոյս–աղջիկ մը, վաթսունը անց։ Ան մօտիկ կէս դար քաղաքն էր ապրած ու ծերութիւնը եկել էր փակելու իրեններուն մօտ։ (Գեղացին միշտ մէկը 

103

ունի, որ իրը ըլլայ)։ Ծառայութեան այս երկար շրջանը ան րացած էր ծոցի գիշերէն սկսող աղէտով մը։ Իր մեղքը չէր ստուգուած։ Բայց մնաց։ Իր ծնողքը սրտի ցաւէն մեռան չուտ։ Ու ինք չտանելով լուռ նախատինքը գեղին, քաղաք էր գացած օտարին դուռներուն մաչեցնելու իր երիտասարդութիւնը ու քաւելու ինքզինքը։ հիմա գեղը հիմնովին մոռցեր էր պատմութիւնը։ Ու կոյս—աղջիկի հեքիաթը զայն կ՚ընէր խորհրդաւոր ու հզօր։ Անոր կայցելէր Աստուածամարը, երազ թէ արթուն, նոյնն էր ատիկա։ Ու ան բժշկութիւն 

կ՚ընէր աղօթքով, դեղերով ու մատաղով։ | Ան զգուշացաւ իր հարսնութենէն, բայց առատ, շատ պատկերուն խօսեցաւ քաղաքին վրայ։ Անիկա պատմեց անոր բարակ, աղւոր մտածուած գեղին համար անհասկնալի ոճիրներ, որոնք թաւիչով ու ադամանդով զգեստաւոր կը մտնեն հարուստներու պալատներէն։ Ան կը նկարագրէր մեղքը, մեղաւորները, շրջանակը՝ նախնական ու փայլուն արուեստով մը ու կը գծէր կացութիւններ, տրամներ, որոնք այդպէս ոգեկոչուած, հեռանկարին նպաստովը գեղեցկացած՝ ափ ի բերան կը ձգէին գեղացի պարզուկ աղջիկը, որ իր կուսութիւնը տուած էր առանց հաշիւի, առանց պատմուած նրբին հոգերում: Այնպես որ՝ իր մեղքը հասարակ, գրեթէ տգեղ բան մը կը դառնար իր աչքին։ 

Դուն ինչ գիտես աչխարհքը, կը կրկնէր Էրայէթը (Եղսաբէթ) ամէն դրուագէ ետք, խաչ մը հանելով ու «Յիսուս–Քրիստոսին զօրութիւնը» գովելով։

Ամէն փորձանքի՝ անիկա կը հակադրէր դարձեալ փրկարար սպեղանին, հեղինակաւոր նախադասութիւնը՝ 

Մեծ է Տէրոջը զօրութիւնը։ | Որ իրեն ժառանգ կը մնար բողոքական պատուելիէ մը։ Անկէ՝ որ կը ծեծէր իր հիւանդ կինը, դուռը կը կպէր վրան ու կիջնէր պառկելու իրեն հետ՝ ձեռքերը շփելէն ու մուճակները Հանելէն

Մեծ է Տէրոջը զօրութիւնը••• | Ցետոյ ուրիշներ, մեծ մասը Հասուն ու դուրսէն նախանձելի կիներ, որոնք իրենց առանձնասենեակներուն մէջ անանուն մեղքերով խթանուած՝ երանի կու տային իրեն, փանփանենց Էռայէթին ու ոսկիներուն հետ խաղալով, անօթիի պէս կը ճուային, աքաղաղի ձայներ ու փրփուրներ դուրս տալով իրենց փառաւոր, «կերտան»ոտ կոկորդին:

Մեղքի հորիզոնին այս ընդարձակումը, մեծ քաղաքներուն բազմատեսակ ոճիրներն ու փորձանքները, անզգամ ու անաստուած կարծրութիւնը, որուն ծնունդն է աշխարհը այսպէս իրարու դէմ 

104

լարող ատելավառ կեցուածքը հարուստին ու աղքատին, Էրայէթին համոզուած ջերմութիւնը Աստըծոյ համբերութեան վրայ, իրարու կը միանային ու կը կազմէին անոր մեղքին համար տանելի լաստակերտ մը։ Յետոյ, գործնական, եփուն աղջիկ՝ անիկա ափերով ունէր Նազիկին պարագան կրկնող դրուագներէն, իրենց վճռական օրերով, բայց գրեթէ միշտ յաջողակ լուծումներով։ Անիկա անուններ կու «ար։ Ու անիկա հասցէներ ունէր, ուր կ՚երթային «թեթեւնալ»ու իրենպէսները։ Դէպի քաղաքը, անոր մեծցուցած հմայքն ու ազատութիւնները հին սպասուհիին այս տարփողը նոյնքան տպաւորիչ էր անոր բերնին վրայ, որքան երկնքին գաւառներէն իր տեսիլքները, պատմումները։

Ու անոնք եղան իրարու մտերիմ ու աւելի բան մը, քան չորջապատին միւս դէմքերը։ Էրայէթը ամէնօրեայ այցելութիւններով անհրաժեշտութիւն մը դարձաւ անոր ձանձրոյթին, անձկութեան, լքումներուն յարափոփոխ հոսանքին դէմ։ 

Այսպէս պատսպարուած ոճիրին մուրճէն, որ իր փորը կը ծեծէր ալ կամաց–կամաց, այսպէս ապահովուած անդրագոյն օրերու համար, անիկա կը սպասէր: Ու գեղը կեփէր ահաւոր գայթակղութիւնով։ 

Ձիւնը յիշատակ մըն էր, բացառիկ ու մնայուն, իրեն հետ կապած մեծ դէպքերուն ու իր իսկ խենթութիւններուն համար: Գեղբ Չաքրուած էր, ինչպէս անոր ոտքի զմայլելի դաշտը։ Բլուրները, որոնք լերան առաջին աստիճանները կը լինեն, գտած էին իրենց դեղնորակ աստեղայնութիւնը: Արեւմուտքի հսկայական գագաթն անգամ, չղթային բարձրագոյն կէտը, փեռիկուած էր իր գլխանոցին կեդրոնէն։ Գարնան հոտեր կը պտըտէին։

Բարի հով մը արդէն չորցուցեր էր հաստ խոնաւութիւնը փսղոցներուն, որոնք Նոյեմբերէն ասդին չեն կրնար հաւաքել իրենց մէջքը ու երկարած, անոսկոր ցեխի իրան մը կը դառնան: Տանիքներուն վրայէն սրբուած էր գործ ու մածուցիկ պայծառութիւնը, որ եղկ է ու ցոլացիկ, երբ արեւ իյնայ վրանին ու, սեւ, թանձր տըրտմութիւն է՝ անձրեւի ասղնտուքին տակ։ Կիրակմուտք էր ու թեթեւցած, բայց կենսաւոր օդին մէջ գեղին զանգակը՝ աւետաւոր ու զուարթ, կը պոռար իր մետաղեայ մեղեդին։

Ասիկա պահն է, երբ տաւարը բլուրներուն ճամբաները կաղօտէ, կընդարձակէ՝ իր ցրուած ալիքներուն դանդաղ հոսումովը դէպի գեղ։ Տուներուն առաջքէն ժողովքը կը հալի կիներուն։ Ար

105

դար, մեղաւոր ժամ` պէտք է երթան, բարքերուն արտօնած տարիքէն։ Բայց ինչպէս ամէն տեղ, հոդ ալ այրերը հոգը չունին իրենց հոգիներուն: Անոնք կը բարկանան ժամկոչին, որ «կարճ չի կապեր» զանգակին հետ, ու մէկ–երկու բերան հեգնանքէ, հայհոյութենէ ետք՝ կը շարունակեն թղթախաղը, կամ օղին, նուագը։ Ուրիչներ սրճարաններուն առջեւը կը կենան ոտքի, ժամուոր կիները Հոյնելու։ 

Գայթակղութիւնը ինկած է իր թափէն: Առջի օրերուն աղջկան անհետացումը նոր երանգներ աւելցուցած էր անոր։ Բայց ժամանակը կ՚աշխատի ի հաշիւ մեղքին։ Բարեկենդանը մօտեցած է։ Ամէն տուն իր փորին ու հաճոյքին կը խորհի քիչ մը։ Ու շատցած են սըր ճարաններու մէջ այն սեղանները, որոնք քսանըչորս ժամ կը տեւեն՝ գինիով եւ օղիով անդադար արծարծուած անասնութիւնները շղթայազերծելով, մինչեւ որ կոչնականներէն մէկը իյնայ իր քովինին դա գոյնէն կամ գնդակէն։ Այդ չարթուն գեղին վրայէն դիւահար հով մը կանցնի ու խելօքիկ արարածները ճիւաղներու կը վերածէ։ Զգուշաւոր են, բնազդով, բացառիկ համբաները, որոնք շատ չեն ցու ցադրեր իրենք զիրենք, առիթը չունենալու համար յիմար բախումներու: . ՝ Հաճին զանգակին հետ կ՚ելլէ դուրս իր տունէն, նոյն պատերազմական զրահումով, միշտ մերկ դանակը անութին։ Մռայլ, ոչ ոք բարեւելով, անսայթաք ու անշեղ՝ կը չափէ գեղին մեծ փողոցը, գալ նստելու համար որսորդներու սրճարանը եւ սպասելու ամէնքը գիտեն թէ ով։ Ան չի խօսիր ոչ իսկ Թադոսին հետ։ Կը ծխէ, հաստ ու առատ մուխով։ Չի խմել ու չի պատասխաներ։ Այսպէս տասնըհինգ օրէ ի վեր

Բայց այս իրիկուն գինով է Հաճի Ստեփանը։ Երկու շաբաթ ան այս յուսահատ զսպումը աւելի զայրագնած է իր գինովութիմը: փողոց իջնելէ առաջ՝ անիկա պարպեց իր փորին օխանոց մը առջԻ վազ օղի։ Ու բան չէ կերած:

Ան չի կրնար ուղիղ բռնել իր գլուխը (գինովութիւնը անոր ոտքերը կը կապէր, բայց ազատ կը թողուր իրանն ու թեւերը)։ Իր դանակը մխած են պատանքին մէջ իր երկու եղբօրորդիները. կատառ եւ հսկայ երիտասարդներ, որոնք քայլ առ քայլ կը հետեւին անոր՝ անխուսափելի աղէտը դիմագրաւելու համար: Քիչ մը աւելի բացօք՝ Հայրապենց գերդաստանէն ուրիշ երեք-չորս երիտասարդ: բոլորն ալ գօտեպինդ, դաշոյնով, ատրճանակով, բայց զգոյշ ու վըճռական։ Ու ահարկում է այս թափօրը։ 

Փոխաբերաբար՝ ուշադիր 

| * Հոյճել հոսելիով ցորեկը յարդէն զատել։ ԲԱՌության ենթարկել։ 

106

| Ու գինով է Հաճի Ստեփանը։ Գեղը կը յիշէ անկէ նման վիճակներ, որոնց մէջ, բնութեան մէկ վայրի երեւոյթին պէս, անիկա կը չէննար ինքնիրմով ու կը խենթանար, առանց ուրիշին վնասելու: Անիկա կը զատուէր իր այս կողմովք սովորական խմաններու ջոլիրէն։ Ո՛չ մէկ յարձակում՝, ոչ մէկ անարգանք: Բայց այս կիրակմուտ քով ամէն անցորդ ակամայ կը մղուի խորհելու ճակատագրական բախումի մը։ _ Ու ժամուն մեծ հրապարակին վրայ, հուն՝ ուր վեց թաղերու բերանները իրարու կը բացուին, կեցած է անիկա։ Իրիկուան զովութիւնը մեղմած է անոր ճակատին կրակը, զոր ուժգին ալքոլը վառած էր անոր գանկին մէջ։ Ուղիղ։ Իր երկու թեւերէն կը կախուին գրեթէ, այնքան մխուած են անոր ուսերուն, իր երկու եղբօրորդիները, ամուր ու խիստ, շղթայելով անոր թեւերուն հաւանական շարժում ները ու կապելով անոր իրանին իրենց ծանրութիւնները, արգիլելու համար ազատութիւնը անոր ոստումներուն, անոր ամէնէն յաղթական, անդիմադրելի յատկանիշը, պայքարի մէջ նետուելու, դէմինը տապալելու, քչելու համար։ Այսպէս հիւսուած՝ անիկա անկարող է վնասելու: Բայց «բացած է բերանը», ինչպես սովորութիւն է ըսել գեղերուն մէջ, քիչ մը նուրբ Հեղնութեամբ։

Ու անիկա կը կարդայ հայհոյանքը, նոյն քարին վրայ, ուրկէ մունետիկը կը կարդալ կառավարութեան զեկոյցները, անսայթաք, յստակ, բառերը, երբեմն թուրքերէն, կը պարպեն ամբողջ աղտն ու գարշանքը, որ պատեցին անոր ուղեղը տարիներով։ Անոնք մեղքէն աւելի մեղաւոր են։ Ո՛չ ամօթ ունին, ոչ ալ Աստուծմէ վախ։ Ու կիները իրենց լաչակները կ՚ամրացնեն իրենց ականջներուն։ Ու այրերը՝ լուռ ու անկարող սրտմտութեամբ՝ կը շեղեն իրենց գնացքը, քիչ մը բացէն անցնելու համար զազրութեան այս հեղեղէն, որ կը թափի անոր ակռաներէն։ Անիկա իր շոգիին ամբողջ թափովը կը պարպի գոյ եւ անգոյ հայհոյութեանց տոպրակը, հնարելով, նորելով, շեշտելով ու կատղելով։ Ու հրաւէր կը կարդայ Զաքարենց եօթը պորտին. փանելենց Հելերուն (հարուստ այս ընտանիքին իբր նախահայր՝ աղքատիկ, գոնջ տղայ մը կու տայ գեղին աւանդութիւնը)։ իւրաքանչիւրին հասցէին գտնելով եղերական վերադիր մը, բայց մանաւանդ եղերական հայհոյանքը, որուն հանդուրժելու համար էրիկ մարդը, որքան ալ խելօք, ստիպուած է ջնջուիլ դեղացիներուն շարքէն։ Նոյնիսկ խորագոյն գինովութիւններու մէջ խմողը շատ ցանցառ կը մօտենայ այդ ամբարշտութեան եւ Սրբելու համար այդ ամօթը, արիւնը պէտք է վազէ անպատճառ։ Ու արիւնը կը վազէ ամէն շաբթու։ Բայց ամեն օր՝ Բարեկենդանի ամսուն։ 

107

 

Գինով է, կ՚ըսէ ամբոխը, փրկելու համար վիրաւորանքը, որ անոր բառերը կը փորեն սա պատերը լեցնող մարդերէն չատին մէջ։ Ու մանր–մանր կը բանի յուզումը, վրդովումը, փոխուելու համար արիւնախանձ զայրոյթի։

Ու Հաճին կը պոռա՛յ։ Սկիզբները՝ հանդարտ ու որոշ, անոր հագագին բախումը քիչ-քիչ ժանգոտեցաւ։ Քրտինքը ճակտէն ու մազերէն անցաւ իր ձայնին, որ յոգնութիւնը չմատնելու համար ինք զինքը կը փարատէր։ Բայց հետզհետէ բառերը ճեղքուած բաներու նման կը հնչէին։ Կարծես անողորմ՝ խարտոց մը իր կոկորդը վերվար կը բերէր ու կը բզկտէր

Բառերուն այս ջլաքաղում էին հակառակ՝ անոր ձայնը միշտ կը բարձրանար։ Զինքը հանդարտեցնելու համար իրեն ուսուած տղաքը կը սանձէին երբեմն անոր բերանը, որ այդ հանգիստէն ոգեւորուած՝ իր ահագին մարմինին ցնցումներովը բազմապատկուած կը բացուէր կրկին, աւելի աղտոտ ու անարգական։ Ու անոր կուրծքէն կը հնչէր մարտակոչը, լիրբ, նուաստացուցիչ, զայրացնող, թուրքերէն իրեն ժառանգ մնացած այդ ուրիշները գրգռելու այնքան ճարտար բանաձեւը՝ 

Տէյօր (մինչեւ) եօթը պորտը... օրանի չօծուխէն տէյօր խաթարլը կնիկը••• 

_ Ու անունը կու տար մուշտակաւոր ու մանուշակազարդ հարսներուն, ցոյց տալով սուրը ու ցոյց տալով անասելի բան մը։

Ձախլիկ Թադեոսը հասած էր օգնութեան։ Իր մէկ ձեռքովը ի զուր փորձեց փակել անոր ամբարիշտ շրթունքները։ Անիկա «աղբօր պէս» կը պաղատէր, խնայելու համար ժամուորին այս «անօգուտ» ամօթը։ Միւս կողմէն կը պոռար ժողովուրդին՝ 

Տղաք, գինով է, Աստուածնիդ սիրէք, գինով է։ Շատ մի տեսնաք…

Բայց ամ բոխը հետզհետէ կը գամուէր պատերուն երկայնքովը։ Անիկա քիչ-քիչ ստկուած էր կիներէն ու տարեցներէն։ Կամաց–կամաց ան իջաւ մայթերէն վար ու գրեթէ շրջապատած էր Մունետիկին Քարը

| Տեսարանը նուաստացուցիչ ու վտանգաւոր էր մաւանադ Հայրապենց խումբին։ Շաբաթ մըն է, որ բան–գործ ձգած, հովուած էին անոր քայլերը ու վերահաս էին աղէտին, որ կը դառնար իրենց շուրջը, իրենց գլխուն։ Ի զուր անոնք նմանցնելով Թադոսին աղերսանքը, գրեթէ արցունքով գէրէկցան* որ ամռան չխորտակէ իր անունը

| * Գէրէկեալ աղաչանքին միացնել զայն լուսաւորող, աւելի ազդու ընող շարժուձեւը։ 

108

ցեխին չձգէ իր էրիկմարդկութիւնը, «անօգուտ» Հայհոյանքով։ Անոնք այդ բառերով կը զգացնէին նաեւ իրենց ընտանիքին հասցուած անարգանքը։ 

Ամ ճա', մեղք է անունիդ: ամ ճա՛։ 

| Ու կը հրաւիրէին զայն լրջութեան: Վատերը միայն կնիկներուն հետ կը կռուին ու յստակ էր բանաձեւին տարողութիւնը։ 

| Չես գիտեր ուրկէ բուսաւ փանէլենց Նշանը: Զայն տեսան Հայրապենց տղաքը ու սրտերնին կրճեց։ Թադեոսը երկնցուց ձեռքը անոր օձիքին, մէկդի առնելու համար անխոհեմ երիտասարդը։ Հաճին պահ մը կեցած իր կոկորդին վրայ՝ աչքերը կը չփէր։ Մէկէն տեսաւ իր դէմ ցցուող ձեւը։ Զարմանալի արագութեա՞մբ, թէ զինքը բռնողներուն կամաւոր թուլացումովը, ան ազատեց իր ձեռքը՝ կաշկանդող բազուկներէն եւ իջեցուց դէմինին այնքան ճիշդ եւ ուժգին, որ անակնկալէն կամ հարուածին զօրութենէն երիտասարդը երեք քայլ անդին ինկաւ կռնակին վրայ։ Թուլցող ու բաժնուած բազուկները կրկին խոյացան Հաճիին վրայ, կաշկանդեցին ամուր ու կատղած ու արգիլեցին ձեռքը, որպէսզի մէջքը չհասնի։ Վեցհարուածեանը պէտք էր առնել անկէ։ Թադեոսը առաւ ու մէջքը խոթեց։ Հայրապենց խում բին այս խնայող ու հաշտ ընթացքը թողուց ամոքիչ տպաւորութիւն։ Ամբոխը Հասկցաւ այս զիջումը եւ լրջացաւ։

Գետին փռուողը ելաւ ոտքի։ Այդքան աչքերուն իր վրայ յառումը ջլատեց զինքը։ Բայց չկրցաւ չմերկացնել դաշոյնը։ Շարժումը թոյլ էր ու զայն զգացին մօտիկները, որոնք չուտ մը չէզոքացուցին։

Այսպէս կապկպուած՝ երկու ոսոխները դէմ առ դէմ կը հայհոյէին: Նշանակալից էր ու քիչ մըն ալ ծիծաղելի։ Ամբոխէն անտարբեր մը փսփսաց։ 

| - Գնա՛ գործիդ, տղա'յ, մեծնաս կը մոռնաս։ 

Բայց Նշանին ամօթը արձագանգ չգտաւ զանգուածին մէջ։ Տիրականը արիւնին առջեւը առնելն էր։ Բացակայ էին Զաքարը, Դանակ Մինասը, Ալմասանը, որոնք կը խմէին, առանց լուր ունենալու պատահածէն, հաւաքուած Գող Ակոբին տունը։ Այս արիւնկզակ մարդերուն խուժումը կանխելու համար՝ չորս տղայ առին Նշանը ու մխուեցան խմելու ուրիշ, ոտքէ հեռու սրճարանի մը մէջ։

Արեւը քաշուեցաւ շատ արագ։ Ու Ձորամէջ Գիւղը մտաւ թաց ու ցուրտ տրտմութեան մը մէջ։ Անմիջապէս կոխեց մութը։ Սրճարաններէն հաստ ու տգեղ լոյսեր ինկան սեւցող փողոցին վրայ, ուրկէ հինգ մարմիններու այլանդակ հիւսքի մը մէջ օձերու հանգոյց պիտի ըսէր Արդար Առաքելը եթէ տեսնէր ջ կ՚առաջանար դէպի տուն Հայրապենց թափօրը

109

| Սրճարաններին բազմութիւնը կը պարպուէր աստիճանաբար՝ կանխելով կամ հետեւելով թափօրը: Օրը անցա՞ծ էր առանց աղէտի։ Սիրտը այդ բանին չէր վկայեր սա ժողովուրդին, որ կը ճանչնար երբ կու կողմերն ալ։ Իր բոլոր մեղքերովը Հաճին պատկառելի ու սիրելի էր գեղին, որուն անունը տարածեր էր ան իր սուրին համբաւովը մինչեւ Արշիպելագոսի ափերը: Իր մաքուր, կատարեալ քաջութեան ու կտրուկութեան համար գեղացին կը դողդղար Զաքարին արեւուն։ Բայց այս բախումը, որով մըն ալ յապաղած, ալ վերահաս կը զգային անոնք: Ու աւելի՛ն. դժբախտ բարդութիւնները, որոնց կծիկը թելով մը կախ՝ կօրուէր վրանին։ Երկու ախոյեաններու այս գօտեմարտը կրնար տարածուիլ նաեւ անոնց գերդաստաններուն: Ա՞յն ատեն։ Գեղը չէր մոռնար այս կարգէն անմիտումներ, իրարու ետեւէն սպաննուածներու սրտաճմլիկ տրամի մը ընդմէջէն։ Ու որքան սրտանց, որքան կատղած անիծէին, չէին կրնար պաղշտկել իրենց ներսը

- Պոռնիկի՛ն աղջիկը, կ՚ըսէր, կանիծէր, չէր կշտանար գեղը։ 

Թափօրը տուն Հասաւ իյնալով ու ելլալով։ 

| Դրան առջեւը կեցեր էր Զաքարենց Զաքարը։ Վճռական, լուրջ, առանց բարկութեան, կիրքի որեւէ հետքի մը։ | Ո՞վ իմաց տուաւ հրապարակի տեսարանը։ Անոր հասակը կը լեցնէր ամբողջ կիսաբաց դուռը։ Վերէն՝ ձեռքին լամբ մը` իջա վա ռաւը։ Ու անիկա անցաւ բակէն, առանց գիտնալու, թէ որու համար կը բռնէր լոյսը։ Ան չնայեցաւ դուռը գրաւող ձեւին։ Բայց այդ լոյսին մէջ Զաքարը տեսան դուրսինները։ | Հաճին չհաւատաց աչքերուն։ Բայց անմիջապէս զգաց, որ իրաւ էր: Այս գիտակցութիւնը զարհուրելի ցնցում բերաւ իր անդամներուն, որոնք պրկուեցան, ուզեցին փետել կաշկանդող ցանցը, բայց հանդիպելով համապատասխան ու տակաւ գերակշռող ճնշումի, իրենք իրենց վրայ գալարուեցան, անկարող ու նկուն։ 

«Տիրեց» դառն, սպաննող, անհաւատալի լռութիւն։ Շունչը դադրած էր բոլորին ալ պուկին խորը: Պառաւը նշմարեց վերջապէս Զաքարը, ու անճրկած էր ընելիքը չգիտնալով։ Վռատե՞լ թէ լռել։ Ոչ ոք Հաճին շրջապատողներէն մտքէն անցուց ձգել գինովը, նետւելու համար երիտասարդին վրայ։ Գիտէին, որ անիկա երբեք նախայարձակ չէր եղած ու գինովութեան մէջ կը պահէր ինքզինքը։

Հաճի Ստեփան, ըսաւ անիկա, բնական բայց հաստատ շեշտով մը, Զաքարենց եօթը պորտը ուզեր ես։ Եկա՛յ։ Ի՞նչ ունիս ըսելիք։ 

110 - 

Անլուր Հայհոյութիւն մը, վայրկեանէն թելադրուած, ու յար ձակման փշրուած փորձ մը դիմաւորեցին այս հանդարտ հարցումը:

Երիտասարդը չերերաց սեմէն։ Ձեռք ալ չվերցուց, ոչ ալ ձա

նը, ու շարունակեց  

Էրիկ մարդը ատանկ չալըմ չըներ կնիկներուն

| Արդէն քովնտի դուռները բացուած էին։ Կիները դուրս թափեցան: Կռիւը, Հայու թէ թուրքի դէմ, անոնց սիրական զբաղումն էր։ Տեսան կաշկանդուած Հաճի Ստեփանը ու սրտանց գորովեցան անոր ուժին, առնութեանը վրայ։ Յետոյ, մօտեցան Զաքարին։ Անոր ալ զուսպ կեցուածքը տպաւորիչ էր ու քաղցր։ Այս համախռնումը առաջ բերաւ ուշադրութեան փոքր թուլացում մը Հաճին կապկպող խումբին մէջ։ Իր կռուողի անվրէպ բնազդով զգաց անիկա այս տարտըղնումը ու ակնթարթի մէջ շահագործեց։ Անսովոր ոստումով մը խորտակեց բազուկներուն ցանցը, մէկ հարուածով երեք կին նետեց իր աջին, ուրիշի մըն ալ զիստը կոտրելով հասաւ երիտասարդին, ու աւելի վայրագ, քան գազան մը, ակռաները երկանքարի մը պէս կտրտելով, ան մխեց իր եղունգները անոր վզին երկու կողմերուն։ Այս ամէնը՝ անհետեւելի արագութեամբ: Արիւնը պոռթկաց վայրկենական։ Երիտասարդին շունչը գրեթէ կիսուեցաւ մէջտեղէն։ Ու զգաց վտանգը: Օգնութեան հասնողները կարծես աւելի կը ծանրացընէ ին այդ մխրճող մատներուն սլաքը դէպի իր սիրտը։ Հաւաքեց իր ամբողջ կորովը ու սկսաւ ետ–ետ քաշել իր գայլի պէս հաստատուն ծոծրակը, նոյն ատեն երկու թեւերովը երկաթի պէս հրելով Հաճի Ստեփանը իր կուրծքէն դէպի բաց։ Իր դնդերը, իր երիտասարդութիւնը երբեք չվատնած տղան իսկոյն գտաւ ուժին գերակշռութիւնը։ Հաճին՝ մղումին տակ պրկուեցաւ, կուրծքը ընկրկեցաւ, հակառակ իր անլուր ճիգին։ Այս նահանջին ստիպուած եղան հետեւելու իր թեւերը, ամէնէն վերջը մատները, որոնք փակուեցան վիզին խոռոչներէն, միսի կտորներու ու արիւնի ճապաղիքին մէջ։ Տղուն շունչը ազատած էր

_ Այն ատեն, Զաքարը իր պողպատե ափովը գալարեց անոր դաստակները, որոնք ծխնիի պէս ճթռտացին ու նուաղած ձուկերու պէս դարձան իրենց կռնակին վրայ։ Հաճին ընկճուած էր, բայց չէր պարտըւած։ Փորձեց ազատիլ տղուն բազուկներէն, որոնք գերագոյն պրկումով մը վերցուցին անոր մարմինը, ոտքը կտրեցին երկու թից գետինէն, յետոյ հաստ ու անարգ առարկայի մը պէս զայն նետեցին ետ, չորս քայլ անդին։ Ցաղթանակը բացարձակ էր

Անմիջապէս քաշեց դաշոյնը ու դարձաւ կրունկին վրայ, լայնելու համար օղակը Հայրապենց խումբին ու մանաւանդ կիներուն

111

Անիկա փորձով գիտէր թաղին սովորութիւնը։ Ստիպուած էր այդ շարժումին, քանի որ կիները սկսած էին պոռչտուքը եւ յարձակումը: Մուճակի, կօշիկի տեղատարափ մը հազիւ ատեն թողուց իրեն, միւս ձեռքով ատրճանակը քաչելու մէջքէն ու պոռաց։ 

Ե՛տ, եկողը կը սատկի։ 

Լսած էին համբաւը։ Կիները կեցան։ Այրերը բան մը ընելու համար ծռեցան Հաճիին վրայ, որ գետինն էր տակաւին։ Այս թուլացումը օգտագործեց նոյնքան ճարտարութեամբ երիտասարդը, ու դաշոյնը ճօճելով, աջ ու ձախ երկարելով ատրճանակին փողը, կրունկին վրայ յառաջացաւ դէպի ետ։ Առաջին փողոցին մէջ ան սահեցաւ կատուի պէս արագ։ Հոյակապ էր այդ քաջութիւնը, նահանչին չնորհն ու վայելչութիւնը։ Կիները մատերնին խածին։ Բայց Հայրապենց խումբը հետապնդումի կեղծ Հայքուչ մը փորձեց։ Ալ ամայացած փողոցին մէջ որոտացին Հրացանները: Հաճին ներս տարեր էին։ 

- Բայց վիճակը ձգուած էր ալ։ Հաճի Ստեփանը դիւրին պիտի հաւատար իր մահուան, քան այս քայքայում են:

ՉՀայհոյեց։ Չլացաւ: Մինչեւ ուշ ատեն, ընտանիքին բոլոր հեռաւոր ազգականները, հաւաքուած հողէ սենեակին մէջ, սպառնացին ու կտրեցին։ Հաճին ձայն չունէր։ Բայց առաջին անգամն էր, որ ուրիշներ իր ներկայութեանը որոշումներ ու վճիռներ կու տային դանակի, ծեծկըւուքի, արիւնի հարցերուն շուրջը։

Ու ընտանիքին տղաքը, հիներն ու նորերը, երդում ըրին Հայրապենց Հաճի Հայրապետին գերեզմանին վրայ։ Անոնք վրէժը պիտի լուծէին այս կրկնակ ոճիրներուն. Աղջիկ մը անպատուել ու գինով մը ծեծել։ 

Ու տակնուվրայ էր տարօրինակ գեղը։