Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

***

Նալպանտենց հաճի Աննան, ըլլալէ առաջ գեղին բարեպաշտ, խերը առատ, ձեռքը բռնուկ, մուշտակովը նշանաւոր ու մեծ մատին մուշտայ ովը 1 հանրածանօթ պառաւը, յայտնուած էր իբր զօրեղ, էրիկ մարդու հակումներով կնիկ մը, որուն լեզուն, հարսնութեան առջի տարիներուն իսկ, հակառակ հռչակաւոր հաճի Սառային էօրֆի ն, կը դառնար բերնին մէջ, առաջները ջաղացի լիսեռին նման, յետոյ՝ փաթ-փաթ, առանց նկատումի, առանց կեղծիքի, ու ճուղապ (պատասխան) կու տար ու կ՚առնէր, առանց քաշուելու իր աղուոր մարմինէն, երբ դէմը ելլէր աղաներուն ու փաշաներուն։ Ան ունէր աջ ու ձախ նետուած, անմոռանալի անցեալ մը, խռովահոծ ու ծեծուած երիտասարդութիւն, բայց առանց աղտի, այսինքն՝ առանց ու որոշ փաստուած մեղքի։ Խօսուած էր անիկա Նալպանտենց շեմէն, բայց ամուր անոր փէշերէն աղտը չէր կաթած։ Ու վարանում կար մարդոց դատումին, երբ կը մօտենային իր կեանքին այդ շրջանին։ Բայց չէր խօսուած անիկա, իր աղջիկնութեան, աղքատիկ տունէն ներս աշխարհք գալուն, հոն ճլտորելուն ու իննի դուռներուն, պռկունքը չբացուած ծաղիկի մը պէս նշանի կապուելուն։

Անոր ծնողքը, իրենց դասակարգէն հազար-հազար արարածներուն նման, վարսուած ապրեցան օրուան ապրուստին եւ զաւկներուն հոգերուն մէջտեղ։ Կեանքն է ասիկա կրակի, բայց առանց վէրքի։ Շինուած կտրոցէն վերի Աստըծուն, առանց օղակի, առանց խոյակի, օրանի մը կամարակալին նման վերէն վար շիտակ։ Ուր պիտի չիյնայ դուրսին, աշխարհին ու մեծ արձակութեանց վտանգէ հովը։ Պիտի մեծնան, ծնին ու թաղուին։ Ու ոչ ոք պիտի նեղուի իրենցմէ։ Արդար, պարզ, սակաւապէտ՝ անոնք ապրեցան այսպէս կեանքի լուսանցքին, ինչպէս գրուած է ընել, ճակատին, այնքան մարդերու։ Արտ, մօր կամ հօր կողմէն, գեղին բոլոր դիրքերէն, որպէսզի տղաքը ունենան իրենց ցամաք հացը։ Այգի, աղուորն ալ, ծերն ալ, որպէսզի տղաքը ճիտերնին ծուռ չնային օտար հնձանին, ու ձմեռը, երբ ձիւնը քամէ օդէն վերջին պուտն ալ կրակի, անոնք, միշտ տղաքը, անուշին պնակը առջեւնին կրակի գոյն պուլաման 2 քսեն իրենց քիթին ու բերնին եւ հեգնեն սառը ու տապլտկին ձիւներուն կուրծքին։ Թթաստա՛ն՝ որպէսզի մանուին կիներուն լաչակը, այրերուն վարտիքը եւ աղջիկներուն գուլպայի երիզները։ Պարտէզ եւ ձիթաստան. մա՛նաւանդ՝ որպէսզի մայրը կաթին հետ պարպէ իր տղոցը ոսկորներուն խորը սրբազան հեղուկը, կանանչ կամ դեղին, որ կը քաղցրանայ, հեշտութիւն կ՚ըլլայ ու երազ կ՚ըլլայ անոնց պատանութեանը դուռներուն։ Ու տակաւին՝ լերան դին խոպան կտոր մը պահեստ, ուր պզտիկները, քիչ մը հասակ ճարած, պիտի սորվին բահն ու բրիչը բարտել։ Անշո՛ւշտ։ Այս բոլորը։ Բայց այնքան մը միայն, որ անոնց բերքովը կարենան կապել տարին տարիին, ո՛չ կուշտ, ո՛չ նօթի։ Բայց առանց պարտքի՝ ինչպէս առանց ալ զարդի, վայբերան ցոյցի։ Աւելի հոգեկան արիութիւն մը, որուն մօտ առաքինութիւններ ես հաստատած եմ մեր արհեստաւոր կարգին մօտ. ա՛ն՝ որ պիտի չըլլայ խորապէս ապականուած քաղքենին մեր կեդրոններուն։ Մեղքէն իր բոլոր փոփոխակներէն արմատապէս զգուշաւոր ու կարգապահ զգայարանքներ։ Ամէնէն աւելի խնամով հսկուա՛ծ սեռայինը։ Վասնզի աղջիկը չ՚ապրիր, այսինքն՝ սեռը չի պտըտիր, հասուն ու ըղձաւոր՝ տղոցը աչքին, հազիւ կազմուած, ամէնէն շատ տասնհինգին, պատեան առնելուն։ Ու մա՛նչը, որ պիտի ձգուի՝ սեռէն ու հողէն, ու սպառելով ինքզինքը հողին քամակին, ատեն պիտի չգտնէ դուրս յուզումներու։ Ու հոգեկան զգայարանքներ, պարզ, քիչ, բայց բաւարար, փրկելու չափ անոնց հոգիներուն փխրուն կաւը՝ աշխարհի փորձանքներուն դէմ, տանելու չափ անոնց համբերանքը մինչեւ գերեզման։ Հալալին, արդարին, ճակտի քրտինքին արմատախոր եւ ծիծաղելի ըսուելու չափ խեղճ մտապատկերումը։ Հարամէն սարսափ, բայց այնքա՛ն մը, որ մարդիկ տառապին, դրացի ծառէն կուտ մը ձիթապտուղին համար, որ իյնայ իրենց։ Պիտի հանգչին անոնք, երբ ծռին, առնեն աննշան ու չոր ու որդնոտ ալ երբեմն այդ կուտը եւ նետեն օրինաւոր տիրոջը հողին։ Միջին տիպարը այն օրերու գեղացիին, հետզհետէ ա՛լ հազուագիւտ իմ շրջանիս` սիրելի եւ երանելի։ Վասնզի 10-20 տարուան մէջ մեր գեղերը 10-20 դար կործանումէ անցան, հոգեպէս ու բարքերու գիծէն։

Աստուած օրհնեց անոնց անկողինը եւ իր գոց ճամբաներէն տուաւ անոնց, մանչ թէ աղջիկ, առատ, ա՛յնքան՝ որ մահուան բաժինէն ետքը որ բծախնդիր եւ աննահանջ առնելիքուորի մը պէս կը զարնէ բոլոր դուռները, պզտիկներու հունձքին ատեն՝ իյնալիքները զատելու մէջ խիստ հոգածու, սովորաբար ամրան մէջերուն տունին մէջ մնաց կարեւոր գումար մը շունչի։ Երեք տղո՛ցը՝ երեքնակ հարսներ, եօթնէն սկսած՝ նշանի կապուած, ու լաւ հսկուած, աճումին նայուած, ու բաղնիքներով ու տան գործերով մէջքի ուժերնուն կշիռն ալ չափուած, երեքնակ հարսներ, անոնք բերին իրենց երեք տղոցը։ Դիւրին է ամէն բան, երբ պզտիկուց կ՚իյնանք ճամբայ։ Ու չորս աղջիկներն ալ անոնք երեսի ջուրով տեղաւորեցին, պայմանեալ տարիներուն, պայմանեալ օժիտով ու նուէրներով։ Ու խաղաղ ու շէն էր անոնց տունը, ուրկէ մահն անգամ խելօքիկ մտաւ, համով-հոտով շարժելով իր մանգաղը, առանց անողոք զոհի, կոտրելու համար ճիւղը, ուր կոկոններ կը դողան։ Յարգուած էին տարիքները։ Խնայուած՝ կանանչ կսկիծը պատանիներուն եւ նոր հարսներուն, տղաձգաններուն։ Կու գա՜ր, կը դպէր արդէն մոխրացած ծերերուն ճակտին ու վզին կոթին ու կ՚երթար, առանց աղմուկի։ Աննան՝ վերջինը աղջիկներուն, հասունցած էր արդէն, երբ անոր նշանածը` Բարակ Օհանը, գառնուկի պէս հեզ երիտասարդ, արկածով ինկաւ էշէն ու մեռաւ, հարսնիքէն ամիս մը առաջ։ Թաղեցին տղան փեսի լաթերով ու շար ը 3 ճակտին։ Մարեցաւ օճախը Բարակենց տոհմին։ Վերջինն էր անիկա տասներկու տղոց, որոնք բոլորն ալ հնձուեցան կանուխկեկ։ Ու գոցուեցաւ հսկայ դուռը, տղուն շանթահար մամային գլխուն։ Այս մահերը կան ու գեղին մէջ կը դիմանան միւսներէն աւելի։ Ու մէջտեղ մնաց Հոս-Մնամին Աննան` կոտրած բաժակի մը պէս։ Անիկա դատապարտուած էր փատնալու կամ շատ-շատ, հեռու, աղքատիկ գիւղեր, տուն մը զաւկի վրայ որբեւայրի պսակով հարս երթալու, ինչպէս կը վճռէ ճակատագիրը նման պարագաներու։ Վասնզի այդ տարիքներու վրայ, առանց նշանի աղջիկ ու տղայ ըմբռնելի չեն։ Ու օրէնքէն, կանոնեալ պայմաններէն ամէն շեղում պատուհաս մըն է եկած կամ գալիք։ Հաստատապէս տունը կը մնայ ա՛ն, որ աղջիկ, կը մտնէ տասնհինգ առանց նշանի, ըլլայ անիկա հարուստին, ինչպէս չքաւորին յարկերէն։ Բայց երբեմն կը միջամտէ բախտը` ողբերգութեան մը գնով։ Միշտ մահն է, խուժդուժ ու եղերական, որ կը հարուածէ սեռերէն մէկը ու այդ գնով միայն կարելի կ՚ընէ դժուար, անիծակուռ միութիւններ։ Ի՜նչ եսասէր ենք մենք, ուրիշներուն բախտը դատելու ատեն։ Կ՚անիծենք՝ չհասկնալով, որ կարենայ շրջիլ այդ բախտը խոնարհ շեմերու առջեւ։

Անոր մայրը չհաւատաց իր ականջներուն, երբ առտու մը լալագին աղօթքէ մը տուն դառնալուն, վար դրուեցաւ Ժամուն փողոցը` նոյն այն անկիւնը, ուր զետեղած էր անոր աղջիկը իր հաստախարիսխ յետոյքը մեր պատմութեան սկսած սա առտուն, Նալպանտենց հաճի Սառայէն, ա՛նկէ՝ որ երեք անգամ Երուսաղէմ ըրաւ, ու ոսկիին շարոցները, տաղաւարներուն, զարկաւ Նալպանտենց պատմական սենեակին պատերուն, երբ ընտանիքը, հաճի Սերոբէին մահէն յետոյ, երեւան բերաւ փոքր ընկրկում, արդիւնք՝ իր տղոցը շուարումին։ «Արեւ չտեսած» գանձերու այս ցուցադրումով հաճի Սառան ճաթեցուց իր էրկանը գիծէն բոլոր Նալպանտները եւ անոնց կիները… Հաճի Աննային մայրը չէր կրնար մոռնալ այդ օրը։ «Սիրտը փրթէր պիտի տեղէն» կ՚ըսէր յաճախ, հարսնիքէն ետքը, երբ առիթ ելլէր վերյիշելու անհաւատալի խսմէթ ը 4. աղջիկ տա՜լ Նալպանտենց տունին։ Անիկա կը հաւատար մեռնելուն, բայց ոչ այդ հրաշքին։

Ու Աննային հարսնիքը անցաւ տրտում հովով մը։ Ոչինչ զարնող է աչքի այնքան, որքան այն կէս, կոտրած ոգեւորութիւնը, զոր իր խորքէն տաղտապուն թափօր մը կ՚արձակէ չորս դին։ Անշուշտ, ոչինչ պակսեցաւ բեհեզէն ու շարոցէն, թագէն ու ձիաւորներէն։ Անշուշտ, ոչինչ պակսեցաւ տունէն ներս, տունին առջին ու փողոցներն ի վար։ Նոյնիսկ քիչ մը աւելի՝ ամէն բան, հակակշռելու համար կէս այրի երանգը, զոր մահուան հովը կը զարնէ մեր երեսին, երբ անցնի քիչ մը շատ մօտէն։ Կրակի՜ն։ Աւանդական բոլոր պտոյտներովը։ Բայց բանով մը կախ, դանդաղ, որ երեւան կու գար շարժումներէն։ Ու Երկուշաբթի առտու, երբ փարթամ պատարագէն ետքը հարս ու փեսի թափօրը շտկեցաւ տուն, տարօրէն ճոխ ու հնօրեայ գոյներու հանդէս մը բացած, հաճի Սառայի բոլոր պահծուներուն ցուցադրումովը, չես գիտեր ուրկէ՛ հրահանգուած, երգերն ու շարականները եղան մեղմ ու վախկոտ։ Քայլերը՝ զգոյշ եւ տխուր։ Գինո՞վ։ Պէտք էր չորս աչքով փնտռել այդ խենթերը, որոնք, ինքնակոչ, պաշտօնական, ամէն հարսնիքի հարուստի ժամուն դրան դէմ կը դնեն տամէճան ները 5 եւ տոլ-տոլ կ՚ըմպեն օրհնուած հեղուկը, հոգու խեր բաշխող ծերերուն նման եւ բռնի կու տան անցնող-դարձողին։ Անոնք պիտի հետեւին թափօրին, քիչ մը բացէն ու պիտի ձգեն իրենց զռինչը ա՛յնքան աւելի տպաւորիչ, տեղին, վաստկուած, ո՛րքան աւելի յիմար եւ ստենտորեան… գեղը դիւրազգած է մահուան դէմ, որուն հետ միայն կատակ չ՚ըլլար։

Նալպանտենց թափօրը, հակառակ բոլոր զգուշութիւններուն, հանդիպումը ըրաւ խումբի մը հինգ-տասը կնիկ , որ կ՚իջնէր վար գերեզմանի զառիթափ փողոցէն։ Հաշի՞ւ, թէ պատահմունք։ Ո՛րը որ կ՚ուզէք։ Կին մը, բոպիկ, ոտքերուն վրայ կանգնելու անկարող, վասնզի թեւերէն մտած էին երկու տրտմահար հարսներ, ձեռքին մէջ խենթի պէս շարժելով կրակին թին, որով կը տանին խունկին համար անհրաժեշտ կրակը, անցաւ առաջ։ Անոր թուլիկ ու ծուռիկ ոտքերը քարերը մագլահարեցին ըսես։ Շտկուեցաւ ինքն իր վրայ, տարածեց ազատ ձեռքը դուրս, վեր՝ դէպի կապուտը, կեցուց, մարգարէ ու խենթ՝ տէրտէրները, հարսնեւորները ու պոռաց բոլորին երեսին.

-Խերը չտեսնաք։

Ըսաւ ու ինկաւ ծունկերուն վրայ ու մնաց մարած։ Անոր վշտին մեծութեանը դէմ, ամբողջ թափօրը մտքով փոխադրուեցաւ ամիս առաջ հող իջած Բարակ Օհանին։ Այս մտապատկերը, իր տղուն դիակին ետեւէն, քաշկռտուելով ու տասը քայլին հեղ մը նուաղած ինկող չորցած մայրիկին, քայքայեց արդէն կիսկատար զուարթութիւնը, դպաւ տղոց իսկ աղիքներուն եւ սթափեցուց գինովցուները, որոնք խփեցին փոքր իրենց մռլտուքն ալ։ Սառեցաւ երգը տիրացուներուն։ Ու փրթաւ շուրջառը տէրտէրին ուսէն։ Ոչ ոք մտքէն անցուց մեղադրել անիրաւ կինը։ Բայց մա՛նաւանդ ոչ ոք մտքէն անցուց հարուստին ի թեր ջուխտ մը բառ հանել իր բերանէն։ Դժբախտութիւնը երբեմն մերկ է սուրի մը նման եւ արդար։ Ան կը զգետնէ` առանց տալու։ Վերցուցին, հարսնքոյրերը, ձգած թեւը հարսին, մայրը Բարակ Օհանին, լալով ու աղուոր։ Չտեսան հարսը, քողը թանձր էր շատ։ Բայց տեսան փեսան` բարակ ու տրտում, որ պուտ մը արցունք կը սրբէր շարին ծայրովը։ Բայց չկրցան քալել։ Վասնզի ուրիշ մը՝

-Խերը չտեսնաք, - կրկնեց անդիէն։

Մայրն էր մատաղ աղջկան, որ պէտք էր քալեր այս թափօրին հետ, փեսային քովէն, թագ ու պսակով, Աննային տեղը, որ հողերը առած կը պառկէր վերը։ Գեղին հարուստ տուներէն այս կնոջ անէծքը տպաւորիչ էր նոյնքան։ Գուցէ չէք գիտեր, որ Նալպանտենց Կարան, տասը տարի նշանած մնաց այս կնոջ զաւկին։ Որ՝ տասը տարի Մօրուքենց տունին պատուըւած, փառաբանուած խնամին եղաւ հաճի Սառան։ Որ՝ երեք ամիս առաջ վարդի պէս քնքուշ ու զմայլելի աղջիկը Մօրուքենց տունին, կախեց ինքզինքը Պրուսայէն դարձին, ուր գացեր էին օժիտը կտրելու։ Ըսին խենթեցաւ։ Ըսին խաբուեցաւ։ Ըսին ու ըսին։ Ու թաղեցին գեղ մը աչքերուն անհուն լացին մէջ։ Ոչ մէկ ձեռք կը համարձակէր այդքան գեղեցկութիւն յանձնել հողերուն։ Ու ժամ մը ամբողջ իր դագաղին մէջ, տապանին խորը անհող մնաց ան…

Ու զոյգ անէծքները տպաւորեցին։ Երբ լացուորներու փոքր խումբը քաշուեցաւ ու հատաւ քովնտի փողոցն ի վար, տեսնուեցաւ, որ շատ աւելի տրտում բան մը կը քալէր հարսնեւորներուն հետ։ Կեցաւ թափօրը Նալպանտենց դուռին, սաչու ին 6 համար։ Այն ատեն էր, որ հակազդելու համար սա սրտաբեկութեան ու, մա՛նաւանդ՝ խերով ընելու համար հարսին մուտքը, տանուտէրը` հաճի Սերոբէին տղան, քառսուննոց Նալպանտ մը, արհեստն ալ պայտար, անունով ու յիշատակով ջնջուած՝ մեր օրերուն, մէկ ոտքը սեմին, միւսն ալ դուրսը, իր ամբողջ գեղին է՛ն նշանաւոր ձիթաստանը նուիրեց հարսին։ Հաճի Արթինին սիրական ու ազնուական պարտէզը ուր կուսակալն ու վէզիրը օղի են խմած եւ ոսկեձուկ կերած չպլախ (մերկ) Աննայի՜ն։ Ատիկա անակնկալն էր, Նալպանտենց արիւնէն սպասելի խենթութիւն մը։ Չէ՞ որ Յուդայի գիծն ալ ունեցաւ ամբարիշտ արքաներ։ Տէրտէրը՝ հաճի Արթինը շատոնց նոյնացուցեր էր Յակոբ նահապետին, որուն տղոցը գիծն ալ զետեղած դասական պատմումին ակօսին։ Հաճի Սերոբէին գիծը՝ Յուդայինին։ Մնացեալ տղոցը՝ Իսրայէլի, այսինքն՝ ի վերջոյ սամարացիներունը, որ մեր գեղին բարբառով հոմանիշ էր գնչուներուն։ Այս անակնկալը բաւեց` վանելու համար տրտմութեան հովը։ Հարսնիք մը կանգուն է հարսնեւորներով։ Կու գան, կ՚երթան, կ՚ուտեն ու կը խմեն, բայց հիմնական դերը այս կարգի նուիրանքներու տարփողումն է։ Պոռացին՝

-Ապրի՜ Նալպանտ օղլուն։

Պոռացին՝

-Ապրի՜ փեսան, ապրի՜ հարսը։

Ու, միշտ հակառակ օրէնքին, հսկայ կատոզներով պատկառելի բակին մէջ անոնք, հաճի Սառային փառաւոր դէմքէն եւ արդուզարդին ծանր, հոտոտ ու քիչիկ մը խելք խառնող հոսումներէն խենթեցած, ըրին անժամանակ պարը, գիշերէն առաջ։ Դուռ-դրացիներ, բարեկամներ, ծանօթներ տակաւին ժամ մը բացատրեցին հսկայ նուիրատուութեան տարողութիւնը։ Բոլորը, ու բոլորին վրայէն, անշուշտ գեղը, բացի Նալպանտ իսրայէլեան շառաւիղներէն, որոնք Աննային տունէն տարիներ չզատեցին վիրաւորիչ վերադիրը, չպլախը երանի տուաւ Հոս-Մնամին աղջկան, որ այդ իսկ ձիթաստանով, անուն մը կը դառնար։ Իրաւ է, թէ ոչ ոք մտքէն անցընէր պիտի գովել հարսին աղուորութիւնը։ Այս բառը աղիտաւոր է. ու չարագուշակ ճշդութեամբ մը, այդպէս արտակարգ բխումներ աղջիկներու միսերէն կը խղդուին շատ կանուխ։ Տասնհինգին հարս աղջնակ մը սանկ ու նանկ հաւաքում մըն է գիծերու, երբեմն պուտ մը կրակով՝ աչքերուն ծիրէն։ Այնպէս դէմքի կախարդանք, ինքնացում ու դիմացէն քաշել մը կը պատուհասուին։ Այս է պատճառը գուցէ, որ կանուխ կը կարգենք զանոնք։ Առաջին մայրութիւնը արդէն կը տանի ապագայ զառածումը գեղեցկանալը ուրիշ բան չէ կեսուրներու կարծիքով, առնուազն ամլացում ու երկրորդն ու երրորդը հիմնովին կը խախտեն մեր միսերուն ստանալիք այդ բիւրեղացումը։ Ադամանդը հրաշքի մը գինն է. ու աղուոր կի՛նը՝ գեղերուն մէջ մօտիկը դրէք ադամանդին։ Ու աղուորութիւնը ծածուկ է միշտ քսանէն առաջ։ Դուք գիտէք Նալպանտենց հարսները, որոնք գեղին հաստարիւն, քարի պէս դիմացկուն աղջիկներէն առնուեցան։ Որոնց ծոցերը դեռ տրեխ ու մանած կը հոտին յիսունէն ետքն ալ, բայց տուն կը բնակին միշտ երկու յարկով, եւ կատոզ ունին։ Բախտը չլքեց սակայն Աննան այս գետինին ալ վրայ, ու յայտնեց անոր հարսնութիւնը սրտառուչ շնորհով մը։ Աղքատիկ անոր արիւնը բաւեց գունաւորելու չափ առջի հարսնութիւնը։ Ու հարսանեկան թափօրին մէջ, գուցէ դարաւոր զգուշութեան մը գնով՝ դիտմամբ, հաստ քողերու փաթաթին տակ, տգեղցուած հարսնուկը, քանի մը շաբաթէն, կը բացուի լրիւ ինչպէս ծաղիկը իր պատեանէն։ Ամէն հարս աղուոր է, բառը առնելով ընտանի իմաստէն ձեւով մը։ Բայց Նալպանտե՞նցը։ Անշուշտ չէր կրնար ըլլալ այն յանկուցիչ կինը, զոր ազնուական արիւն մը հնօրեայ իմաստով, ուր մեծ մոլութիւններ, նոյնքան մեծ առաքինութիւններ, հոգեկան ու մարմնական հազուադէպ աղբերացումներ, դարաւոր ընտրութիւն եւ աւանդութիւն իրենց նպաստը կը նետեն բարակցուցած է մեղմով՝ միսերուն ալապաստրը, առնելով անկէ ինչ որ ցամաք հացը իբր կրացում կը բանի հիւսուածներուն ծոցը, եւ աւել ցուցած լեզուի՝ ինչպէս աչքի, կորագիծի՝ ինչպէս ճարտարապետութեան քաղցրութիւններ։ Շատ հեղ կիներ կը նմանին քալելու ելած ճարտարապետական ձեւերու։ Աւելցուցէք՝ դրամինին ալ հե՜ւքը։ Ինչե՜ր չէր ըրած դրամը, մա՛նաւանդ անոր թելաւոր մասը, կիներուն միսը խենթեցնող յուռութքներու վերածելուն չափ։ Ի՜նչ էին Աննային միւս քուրուըտանքը։ Թափօրին հետ, եթէ ոչ կաշի մը եւ ոսկոր մը, քանի որ բոլորն ալ պսակին տարին հազիւ աւարտած, վաղահաս յղութեամբ մը կը խախտուէին առաջ արգանդէն, յետոյ՝ իրենց հրապոյրներուն հէնքէն ու, գործի, մուրի, աղքատութեան մէջ՝ չբացուած կը թառամէին։ Այսպէս դատեց անշուշտ, առանց ինքզինքը անիրաւ ընելու զգացման, գեղին միջին խղճմտանքը, տեսնելով թափօրին մէջ անոնք ալ, գիրկերնին մէյ-մէկ տղայ, երկ-երկու ալ փէշերնուն, աղտահար ու տժգոյն, խնդալու իսկ վախնալով, ծիծաղելի չըլլալու յայտնի ճիգին մէջ ` ընելով իրենց բերանները տարօրէն բաց, ու աչքերը՝ անարտայայտ ու տափակ։ Բայց ամիս չէր անցած։ Ու ահա ոսկիներու անուանի շ արոցը, ուր քանի մը թագաւորներու դրամները դժուար չէր հաստատել գիտցողներուն կարծիքով, ա՛ն՝ որ Նալպանտենց Սառային հարսնութիւնը ըրեր էր այնքան ծեծուած, խօսուած, ու վէճերով, լեզուագարութեամբ, յիշատակելի, փոխադրուած էր Աննային վիզին։ Ու շ արո՜ցը, որ անցած էր գեղին երգերուն՝

Եօթն աշխարհէ եօթը խաթար

Հաճի Սառան հագաւ-հագաւ

Չը կշտացաւ…

ու կը խօսէր եօթը մարդոց առնութիւնը խորհրդաւորող իմաստով, որոնք մօտեցած ըլլալու էին գազան այդ կնիկին։ Շարոցը բացաւ Աննային վիզին պղտոր դեղնութիւնը ու ճերմակ ըրաւ անոր երեսները, դալկացնելով աստիճան մըն ալ՝ իւղով չսնած անոր այտերուն գունատ փայլը։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ տեղին համեմատ ոսկին գոյն կու տայ։ Ու տեղին համեմատ՝ աւելորդն ալ կ՚առնէ։ Փոփոխութիւնը չփակուեցաւ միայն անոր այտերուն։ Երուսաղէմէն ով գիտէ ի՛նչ սուղ ու կրակ գիներով հայթայթուած, հաճի աղայէն ձեռնուած ու հաճի Սառային սնտուկին մէջ տարիներով փափկացած ու թաւշացած ազնիւ քողեր, հնօրեայ, նշխարի պէս օտարոտի, որոնք անոր հասակն ու լանջքը կը հիւսէին անդիմադրելի վայելչութեամբ։ Այսպէս շաղապատուած՝ անիկա քնքուշ էր եւ համբուրելի, ինչպէս հաւկիթէն նոր ելած ձագուկ մը, եւ իրաւացի կ՚ընծայէր գեղին մէկ ուրիշ վարկածը, որ դէմքերն ու տարիքը կ՚ենթարկէ թաւիշին ու զարդարանքին։ Բախտը սակայն հոս ալ չթողուց Հոս-Մնամին աղջիկը (անոր էրկանը կողմէն ազգականները մինչեւ իր մահը ուրիշ անուն պիտի չտային։ Դուք գիտէք վերադիրը, որ տասը տարի դիմացաւ։ Բայց մականունը երբէք անունի չիջաւ)։ Անոր պարոնտատը ` հաճի Արթինին անարժան թոռը, որ իր հարստութիւնը պիտի ուզէր փորին զնտանը բանտարկել, աւելի ապահով տեղ մը չգտնելուն, եւ է շ կը պայտէր, չ խրտ չ եցնելու համար արհեստին փիրը 7 ու գրեթէ աղքատ կը ծախէր ինքզինքը, ոսկին պարկերով շարած ըլլալուն հակառակ (ինչեր չի շիներ ժողովուրդին երեւակայութիւնը) ու բեռներով կը հայհոյէր աշխարհին, ու ամէնէն շատը՝ հօրեղբայրներուն ու անոնց տղոցը, իր ժառանգը կարգելէ ետքը առքով ու փառքով, ոչ ուրիշներու պէս արտ ու այգի ծախելով, ինչպէս քիչ-քիչ ընելու կը մղուէին մարդիկ, միջ-գերդաստանեան մրցմանց կրկէսէն (աղբօրը կնիկը նախանձէն կը ճաթէր, եթէ աղբօր կնիկը հաճի չունենար), հաճի ածականին ետեւէն։ Մեկնեցաւ Երուսաղէմ, հարսովը, տղովը, իր կինը, որուն հետ կռիւով աւելի օր ունեցաւ, քան թէ հաշտութեամբ, միասին, այս անգամ, զայն երրորդ անգամ հաճի ընելու փառքը իրեն ունենալու սնապարծութեամբ։ Աննան նոր հարս էր, տարուընակ ու փոքր։ Գեղ դարձաւ պայտարը ` մեռնելու համար տարի մը ետքը։

Անոր կինը ` երիցս հաճի Սառան, էրկանը ճողել էն 8 ետքը պարտաւոր եղաւ ապրելու իր հաճի հարսին ու, աւա՜ղ, պէտք է աւելցնել նաեւ իր հաճի տղուն հետ, զոր խոշտանգումով, ծեծ ու փէտով կատու էր ըրած, տաս ն հինգ տարեկանին իսկ դեռ վարտիքը ինք կապելով, պոռալով, թքնելով, հայհոյելով քիթին ու բերնին, եւ «իշու կօշկակար» (մեռած եղբօրը յիշատակն ալ կը քակորուէր գազան կնիկին բերնին մէջ ու կ՚ըլլար «իշու դերձակ») անոր հօրը գլխուն թափուելիք անէծքները մրճելով, կռանելով, սրելով անոր անմեղ ճակտին։ Տարօրինակ է գեղացի կնոջ այս գիծը։ Խորթի-խասի կռիւներո՞ւն արձագանգ, որոնք գեղին տուները բռնկած փ ո ւռի կը վերածեն, թէ խառնուածքի հեղում՝ այս անգթութիւնը, այդ ջոջ տուներու մայրերէն։ Զաւակը արգե՞լք, թէ դառն յիշատակ։ Օտարին անկողինէն վերց ո ւած ամօ՞թ։ Ի՜նչ գիտնամ։ Կային այս մայրերը։ Ու կ՚անիծէին, առանց պատճառի, կը սոթտուէին ու դուրս կ՚ընէին իրենց տղաքը, մա՛նաւանդ՝ երբ չդաշնուէին անոնց հարսներուն հետ։ Սանձարձակ, էրիկ-մարդ, խորապէս էգ՝ հաճի Սառան քամած էր էրիկը ` շէնք-շնորհք կնիկ մը չեղած, այսինքն՝ երեսունի դուռներուն։ Ու անոր մագիլներէն դուրս ինկածը, հաստ-փոր ու անկարող հիւա՛նդ, որ սափորներով ջուր կը կործէր փորին եւ գոմշու չափ, չըսելու համար ժամերով, կը շ ռէր ու կը հոտէր, ապրեցաւ կէս խենթ ու կէս խելացի։ Գեղը հիւանդ վիճակը չի հասկնար 20էն 60։ Ու չհասկցան։ Բայց անոր կինը արծեցաւ ` սանձը գլխուն ձգուած մատակին նման։ Գէշ խօսողներուն պապանձի լեզուն։ Բայց չպակսեցան ու շ ուք չէք մոռնար խաթարին երգը։

Հաճի Սառան էրկանը մահէն ետքը, քառսունին մօտիկ, հաւաքեց իր սանձերը, թերեւս ապաժամ զգաստութեամբ մը, թերեւս խթանուած, խոցուած իր սնապարծութեանց մէջ ` ընտանիքին գերագոյն շահերուն զոհելով իր ազատութիւնը։ Այս կենակցութիւնը, որուն վրա յ գէշ մարգարէները խօսեցան այնքան հեգնութեամբ, եղաւ այնքան սեռն, որքան չէր ներելի սպասել գուցէ։ Հաճի Սառան կու գար սերունդէն շատ նշանաւոր արիւնի մը, որ տուած էր հոյակապ, բայց ամբարիշտ կիներու շարան մը, մեծ մասը համբաւ ի գացած իրենց մեղքերովը, յանդգնութիւններովը, երբեմն մեծասարսուռ ոճիրներովը։ Սովորութիւն էր այդ կատաղի պառաւները կը ճանչնաք՝ քիչ չափով՝ անոնց կնիկութեան շրջանը Վերջին դատաստանի պատկերին մէջ հանրածանօթ նկարին ձախ աչքը դնել, աջը յատկացնելէ վերջ Հայրապենց այրերուն։ Չըսի ձեզի, թէ Նալպանտենց հաճի Սերոբէին առաքինի կինը ստիպուած նշան էր տարեր անիծից արմատ այդ տունին ճիշդ այն պայմաններէն, որոնք կրկնուեցան հաճի Աննային համար ալ։ Ու ամօթով մեռած էր օրհնուած կինը ` գուշակելով աղտը, որ կախուած կը մնար հաճի Արթինին սենեակին ձե ղ ունէն։ Ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ, մեղքի մէջ այս առատութիւնը, վայելչութիւնը, մա՛նաւանդ հասարակաց կարծիքին վրայ թքնելու լրբութիւնը։ Գեղը շատոնց զբաղած է այդ աղէտներով, զատած անոնց ծնունդը, հնարելով այդ անպատկառութեան համար անջատ գաղթ, անջատ կեանք, թերեւս գնչուի արիւն։ Դիտուած է, որ անոնք հաշտ ապրած են թուրքերուն հետ ու սիր ո ւած անոնցմէ։ Ու պղծութիւնը զանոնք արժանացուցած է սամարացի ի պիտակին։ Ու չէին ամչնար։ Մեղքի՝ ինչպէս աղօթքի, չարիքի՝ ինչպէս խերի մէջ անոնք կու գային առաջին գիծի։ Անոնց ոճիրներուն մէջ գերակշիռ էր մեծ հանդարտութիւն մը։ Անոնց ճակատը, մշտակնճիռ կը պարզուէր միայն կռուին արձակութեանը մէջ, կռիւի՛ն, զոր չէին ըներ, այլ կը կրէին, տեւական, իրենց վրայ, ինչպէս գեղեցիկ, խռովիչ մուշտակ մը, ինչպէս ցանկագրգիռ մանեակ մը։ Ու անոնք իրենց էրիկները խաբելու համար օտարին ու ծանօթին, աժեմին ու չ աժեմին հետ, չէին իսկ սպաս ե ր քիչ մը հասուննալու։ Այս ճամբուն վրայ՝ մռայլ առհաւութիւն մը, գուցէ, որ զանոնք նման կ՚ընէր չորս ժամ հեռու լեռներուն մէջ կորած ուրիշ գեղի մը կիներուն, չոր, կռնծած, բայց տարօրէն վառ արգանդներով, խորապէս լպիրշ, ագռպիղծ, ու մեղքին մէջ տուն-տեղ եղած։ Երբ ուրիշ գեղերու մէջ կիները ապրեցան այնքան զգաստ ու քիչ, հոդ ինչո՞ւ այսքան սանձակոծ կը ներկայանան։ Հաճի Սառան խօսեցուց իր վրայ ` մարգարէութիւններն ու սաղմոսները լեցնելու չափ։ Ան չունեցաւ ձեռնարկ, ուր յաղթանակին հուրքը զինքը չնետէր բռնութեան ու գարշութեան։ Գուցէ զարմանք, դուք՝ որ այս տողերուն հետ կը պատկերէք խելօքիկ գեղը, սանկ ուռիներով հովասուն, ու եղկօրէն զգայնական։ Կայ անշուշտ այդ գե՛ղը։ Բայց ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ, անիկա կը ջնջուի ու իր տեղը կու տայ այս մեգերաներուն շինած տեսարանին։ Հայ գեղին աւանդական պատի՞ւը։ Բայց ո՞վ կը դպի ատոր։ Կամ ո՛վ է տեսեր, աղքատիկ, հացի կարօտ կամ հոգեպէս աղքատ ու անկշիռ տուներէ դուրս։ Իմ օրերուս, հարուստները իրարու կնիկ կը հալածէին լրբութեամբ մը, յանդգնութեամբ մը, որ անդին կը ձգէ ամօթխածութիւնն ու գրողի, գոնէ՛ գիրքերէն աշխարհ դատողի իմ զարմանքս։ Ինչո՞ւ։ Բայց այդ մասին աւելի ուշ։ Հաճի Սառան, երեսունի դուռներուն սանձահարած էր էրիկը։ Ու սանձահարեց մա՛նաւանդ Իսրայէլ Նալպանտներուն լրբութիւնն ու լեզուն ` անոնց դէմ հանելով իրը, խաթրովը, մուշտակովը, տոհմին վայելչութեամբը։ Յաղթական իր բոլոր փափաքներուն մէջ, տարիներով տունը՝ ինչպէս էրիկը, խնամիները՝ ինչպէս մէջ-դրացիները անիկա վրիպեցաւ միայն իր հարսին վրայ։ Մե՞ղքը։ Բայց անոր հարսը ունէր մեղքերուն մեղքը, տունն ու տեղը աւերի, մոխիրի տանող մահացու մեղքը աղջիկ բերելու ։ Ով գիտէ ի ՛ նչ անէծքի հնազանդելով մարդիկ շուտով կը մոռնան պառաւներուն անէծքը հարսին արգանդը, իրարու ետեւէ, տարիուկէսական ընդհատնելով աղջիկներ տուաւ, անուշիկ ու բաց մորթով, շնորհալի ու նուրբ, կապուտաչուի ու շէկ։ Ոչ մէկը մեռաւ անոնցմէ, հակառակ պառա ւ ին սպասումին ու յայտնի ձանձրոյթին։ Ու քանի ՛ աղջիկները կու գային, ա՛յնքան կ՚աւելնար հաճի Սառան իր անյատակ կատաղութեանը մէջ։ ԱՆԻԿԱ ՄԱՆՉ Կ՚ՈՒԶԷՐ։ Պատճառնե՞րը։ Բայց որքան որ կ՚ուզէք։

Մանչ կ՚ուզէր, գլխաւորաբար, աւրուած ըլլալուն Նալպանտենց կիներուն հետ, ինչպէս պարտականութիւնն է ըլլալ, ինքզինքը հաւնող, բարի քրիստոնեայ, տորպա 9 ամէն կնիկի, բայց մա՛նաւանդ սարսափելով այն օրէնքէն ժառանգական եւ նման խնդիրներու մասին շէրի ն է, որ կը վճռէ։ Ու շէրին առաձիգ է մարդոց քսակին համեմատ, բայց անպայման կը դառնայ իր ոսկի ծաւալին , որ անարու մեռնող եղբօր մը ժառանգը կը զլանայ քոյրերուն, եւ կը փնտռէ, արիւնին գնով՝ արուները, այսինքն՝ հօրեղբայրները ` դիզելու համար անոնց գոգը մեռնողին հարստութիւնը։ Դուք կը ճանչնաք Իսրայէլը թշուառական, Ս. Գիրքին, ինչպէս տէրտէրին բերնին մէջ։ Ու հաճի Սառան, մազերը փուշ-փուշ, աչուըները կորտան-կորտան, անտիպ ու միայն տօնական օրերուն լոյս տեսնող անէծքներով կը դիմաւորէր Իսրայէլին ամբողջ ոտնձգութիւնները։ Անոնք երաշտութեան տարիներու կովերուն նման ա՛ս ալ տէրտէրին դարբնած պատկերներէն հակառակ իրենց առաջացած տարիքին, ծալուած երկու՝ բահին ու բրիչին վրայ, անօթի չճաթելու համար՝ ստիպ ո ւած էին հերկել խոպան բլուրները, բայց աւելի հեշտ սահմանակից ու միջ-ընտանեկան հողերէն գողնալ անդադար, իրարու դէմ՝ զատ-զատ, հաճի Սերոբէին շառաւիղին դէմ՝ հաւաքա բ ար։ Ու անիկա առանց խպնելու, բիրտ, հայհոյելով թոխումսըզ ամճային (երկու զաւակը՝ սեռին երեսին նախատինք էր եւ համարժէք ամլութեան)։ Ու ահաւոր, ու շատ անուանի՝ անոնց այս ախորժակը, զոր հաճի Սառան, կռիւներու ընթացքին, կը նմանցնէր աղուէսներուն եւ շուներուն, գէլերուն եւ գերեզման փորող գազաններուն անկշտութեան։ Բայց անոնց կինե՜րը։ Անոնք դեռ երրորդ աղջիկէն, նոյն այդ հրապարակային բախումներուն, չէին քաշուած իրենց սպասումները բանաձեւելէ։ - Որո՜ւ պիտի մնար Նալպանտենց Սերոբէին վարն ու վարէթը (կալուած)։ Ձեռնարկե՞ց անլուր արարքին, զոր ծերերը շատ աւելի ետքը բանաձեւէին պիտի, հաճի Աննային իբր վարպետ ոգեկոչելով պոռնիկ կեսուրը հարսը տան ծառային ծոցը թխմելու անլուր արարքին։

Իր ա կանը, այսինքն՝ ամէնուն գիտցածը ա՛ն է, որ այս կարգի յուզումներու, ծեծկըւուքի ընթացքին էր, որ մեռաւ հաճի Սառան, յանկարծահաս ցաւով մը, որ ատեն իսկ չթողուց անոր աչքը գոցելու եւ բանալու։ Ճաթած էր անիկա չորրորդ աղջիկէն ետքը, կնունքէն ելլելուն, մազերը քրիկ-քրիկ փետտելով Իսրայէլի կնիկներէն մէկուն, որ հեգնութեամբ, պռկունքով, աղտոտ ծիծաղով անոր աչքն էր լուսեր, ժամ մը բազմութեան դիմաց։ Ի՜նչ կատաղութեամբ ան ինկաւ վրան, բայց ա՛լ չելաւ ոտքի։

Ու անոր ատելութիւնները, օրհնէնքն ու անէծքները, մա՛նաւանդ անոր ահաւոր յամառութիւնը, յստակ ու հարազատ՝ փոխանցուեցան հաճի Աննային։

Անոր էրի՞կը։ Նալպանտենց հաճի Կարան ։ Գառնո՛ւկ, սխալեր մանչ էր ծներ։ Գոնէ մօրմէն ունենար, երբ ստուերն իսկ չէր հաճի Արթինին։ Կ՚ըլլան աս տղաքը, քիչ մը ուռած-փոր, բայց դեղնոտ երես, խոր, տխուր աչքեր, անհուն քաղցրութեամբ։ Անշուշտ անծանօթ ցաւ մը տուն-տեղ է դրած անոնց ոսկորներուն բաւիղները, բայց ո ՜ վ իմանայ։ Կը պառկին, կ՚ելլեն, արբունքի կը հասնին, միշտ աւելի քիչնալով։ Ըլլային հազը, մսուքն ու քրտինքը, գեղացին կը դատէր։ Բայց ի՛նչ անուն դնել այս չքալող երիտասարդութեան։ Բախտ էր, որ ունեւորի զաւակ, գեղացին այսպէս կը խորհի, անիկա պիտի չխաշէր հողերուն, հովերուն բերնին։ Ի՞նչ գիտնար, թէ այդ ոսկորները հիւանդութիւնն ունէին ոսկիին, առատ սնունդին։ Ան համակերպած իր դժբախտութեան, փակեց հօրը խանութը, ուր տիրացու, տէրտէր անդադար ժամ, պատարագ կ՚ընէին, երգելու իրենց մոլուցքին քիչ գտնելով օրինաւոր պահերը արարողութեան։ Ձայնը Նալպանտենց ժառանգական տուրքերէն կարելի է նկատել։ Ու սիրեցին երգողները ։ Սեղմեց հարստութեան փայլը, դուրսին վրայ շուք տուող ու աւելորդ հոգեր պատրաստող։ Շատնալու վրայ էին գողերը, մինչ տուները չէին հաստընար իրենց պատերէն։ Ու ամփոփ ո ւեցաւ իր հողերու տնտեսումին։ Անիկա քաղցր էր, ինչպէս մէջ կնկուկ մը, բարակ ու բռնուած մոյնքով եւ մեծ հօրմէն ունէր եղունգը անոր ու նման անոր չէր փախցներ ոչ մէկ արարողութիւն։ Ամէն մարդ գիտէր անոր ուզածը Ամենակալէն։ Ու անիկա իր ծնողքին քէնը տարաւ, վայելուչ սուգի մը պէս, Իսրայէլին դէմ։ Զգուշացաւ կռիւէն, որմէ ազատելու համար, ամէն առտու Հաւատով խոստովանիմ էն երեք տուն կ՚աղօթէր, երեսը լուացած պահուն։ Բայց չկրցաւ սանձել իր կինը, որ իր երիտասարդութեան ամբողջ փթթումին մէջ, իր մուշտակին հեքիաթովը եւ իր բարիքներուն բազմաբեղուն աղբիւրներովը հակապատկերը կ՚աշխատէր կազմել հաճի Սառային, բայց մա՛նաւանդ փրկել գռեհկութիւնը իր ծագումին։ Գիտէք Իսրայէլին չարութիւնը, բայց չէք գիտեր տառապանքին չափը հաճի Աննային։ Զինքը իր հասակէն վեր տեղեր նետող մղումը ճիշդ կ՚ըլլայ, երբ փնտռէք իր բեկումին մէջ։ Նալպանտենց անունին անարժան դասուելու դառն արհամարհանքին մէջ, որ գլխաւոր զէնքն էր կռիւներուն։ Այս սարսափէն կը մեկնի գուցէ իր ծնողքը վեր հանելու հազուադէպ որոշումը։ Աղջիկները մէրանցը տունէն կը կրեն եւ ոչ թէ հոն կը փոխադրեն։ Հաճի Աննան օգնեց իր ծնողքին, տեւական ու խելացի կարգադրութիւններով, իր կալուածներուն մշակումին մէջ անոնց մասնակցութիւնը վերածելով կիսնորդութեան։ Ու հողազուրկ Հոս-Մնամին երկաթէ բազուկները քառապատկեցին արտերուն արդիւնքը եւ երիտասարդ ըրին ա՛լ անցած մարդը։ Վասնզի բանողին համար չկայ վայելք մը, որ փոխարինուի բարեբեր հողին, երբ արդիւնքը կ՚երթայ սեփական մառանը։ Ու խլոտ Հոս-Մնամը քիչ-քիչ դէմք դարձաւ, ու անոր տղաքը սկսան ուղիղ քալել, բարձր խօսիլ, սրճարան յաճախել գոնէ տօնական օրերու ` ոտքերնին կօշիկ, կռնակներուն չուխա, մէջքերնին երկու թիզ գօտի։ Այս բարգաւաճումը զինաթափ չըրաւ Իսրայէլը, ոչ ալ՝ հաճի Աննան։ Այս ամէնը երկրորդական կը մնար անոր հիմնական մտահոգութեան քով։ Անիկա մանչ կ՚ուզէր։ Կ՚ուզէր կատաղութեամբ մը, կարօտով ու երկիւղածութեամբ մը, ա՛յնքան՝ որ այս ուժգնութեան դէմ կը նսեմանար հաճի Սառային ցանկութեանց չափը։ Ու այս պահանջկոտ արգանդով, ճիշդ հաճի Սառային նման, անիկա զգետնեց բարի ու քաղցր հաճի Կարապետը, որ քիչ-քիչ աւելի փոքրացաւ ու իջաւ իր միսերէն։ Գաղտնի ցաւ, թէ անյագուրդ սերմնակութ մը զայն ըրաւ տարուէ տարի աւելի բարակ ` առնելով անկէ առնութեան կնիքը, խորասուզելով զայն ժառանգութեան մէջը իր հօրը աւազանին, ան ալ ցամքած, «ջուր քաշած» ամառէն առաջ։ Գրեթէ կնի՜կ, յանձնուած լաթերուն պաշտպանութեան, որոնք անոր ոսկորները կը ժողուըտէին եւ սանկ ու նանկ ձեւի մը կը մօտեցնէին։ Ու յուսաբեկ էին, էրիկ ու կնիկ, ահաւոր սպասումէն։ Հինգերորդ աղջիկը անոնք ունեցան աղ ու արցունքով։ Տունը տարբերութիւն չունէր մեռելատունէ։ Ցաւէ՞ն, սո՛ւտ, հաճի Կարապետը ա՛լ չէր կրնար կրել իր մարմինը։ Պառկեցաւ, ոտքերը փրթած։ Ճիշդ երկու ամիս։ Ու սաւանով կը դարձնէին մէկ կուշտէն միւսին։ Իրողութիւն էր, որ ցաւերուն անկումէն ետքը մարդը փտած միսի մը կը նմանէր, այս օ ր ուռեցք, վաղը կաշին փակած ոսկորին։ Ու առանց յայտնի հիւանդութեան մը, այդքան ոսկիին ու հողերուն դէմ, բերան մը շնորհքով բանալու իսկ անկարող, բռնած էր ճամբան։ Կախարդ մը՝ անոր «մաքր ո ւիլը» մօտեցուցած էր քիչ մը շատ։

Ու հաճի Աննան ` ահաբեկ, կատղած, աւելի քան վճռական, ինկաւ գեղէ գեղ, ջուրէ ջուր։ Կատարեց ապսպրուած բոլոր աղօթքները, մատաղները։ Գործադրեց յուռութքներուն բոլոր ցուցմունքները։ Հեւքը, սպառումը, ներքին տենդը նրբացուցին անոր քիչ-քիչ եղ կապող մարմինը։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար այս ցոլացումը, գեղացիին բառով՝ սեռին «շաւքը» փոխադրուած, առնել անոր կրակէն։ Ներքին այդ լուցումը, որ կիներուն աչքին մէջ վախկոտ գրգիռ մըն է, ամօթխած ու միամիտ, բայց անոնց մարմինէն թաքուն ծորում մը, նոյն ատեն, որ տարօրէն ցանկալի կ՚ընէ ամէնէն զրկուած մարդերը։ Ու բացուեցան անոր գեղեցկութեան թաքուն այդ բերանները։ Ոչ ոք մտքէն պիտի անցընէր այդպէս թարմացած այդ կինը, որուն աղջիկնութեան կաղապարը հազիւ խախտած էր երեսներէն, մայր ընդունիլ հինգ աղջիկներու, այնքան իր հզօր բնազդը կենդանի կ՚ընէր անոր անձը եւ անձին վրայէն անոր միսերը։ Վասնզի գեղեցկութիւնը շ էնք մըն է, որուն ճարտարապետը կը մնայ սեռին ուղղալարը։ Առէք կնոջ մը վրայէն սրբազան այդ ոճը, մնացածը թերեւս շահագրգռէ մսավաճառները, ինչպէս կ՚արտայայտուի գեղացին ամուլ կիները հեգնելու իր փոյթին մէջ։ Խռովիչ ու ցանկայարոյց եղաւ հաճի Աննան ` առանց իր գիտնալու ն ։ Ունեցաւ շարժումներ, թեւէ ու ոտքէ, որոնք չհասկցաւ, բայց որոնց զսպանակը ուղեղէն չէր, որ կը գործէր։ Խօսեցաւ տաք, ինք չէր զգար ատիկա, տան ծառային։ Ու անոր բառերը փուռէն նոր ելած հացերու նման դէմէն կ՚այրէին ` առանց յայ տ նելու։ Ըրաւ, իր լաթերուն յարդարանքէն լռին շեղումներ, կուրծքէ՛ն մանաւանդ, ուր իր ծիծերը կը հրէին զինքը, ամբողջ կինը ըլլալով։ Մտաւ մութերը, ախոռը, մառանները, չգիտնալով իր փնտռածը, բայց քիթը խիստ, լարուա՜ծ…։ Ու անոր երիթացած ամուսինը պարտաւորեցաւ հալիլ, բայց չմեռնիլ (հաճի Աննային կամքն էր ատիկա), յղի ձգելու համար տառապող կինը։ Ան գլուխն առած, մինակ, աղջիկները ձգած մօրը, կը պտըտէր պարտէզ ու այգի։ Ո՞վ ըսած էր իրեն նիհարնալու, յ ո գնելու, «քիչնալու» օրէնքները։ Վեցերորդ յղութեան յայտարար նշանները խօսած էին անոր մէջ։ Բայց տղա՞յ։ Ան պտըտեցաւ, չկերաւ, չքնացաւ։ Ո՞վ ըսած էր այս տարօրինակ պահքը։ Բայց Իսրայէլը այս յղութիւնն ալ ընդունեց սովորական քմծիծաղով։ Բեկանելի չէր անոնց վճիռը։ Ու ըսին ատիկա նորէն, լրբութեամբ ու հայհոյանքով։ Այս վայբերանութիւններէն դուրս, յղութիւնը այս անգամ չարչարագին բան մը եղաւ հաճի Աննային համար։ Յոյսն ու տարակոյսը անոր մէջ փոխն ի փոխ կու գային գրաւել հոգեկան յատակը։ Անհամար աղօթքներ, եօթնական, քառսունական, հարիւր մէկական ան գ ամներու շարքով մը։ Վարժուած աղօթքներ, ամէն դասակարգէ, տէրտէրէն մինչեւ մատ մը դպրոցականը։ Շաբթուան երկու պահք օրերուն ժամէն Տէր ողորմեա, հասարակաց ու սրտագին, զոր կ՚ըսէին տղաքը, Կիրակիի մատաղին երազովը։ Ուխտեր, խոշոր, անգործադրելի ըսուելու չափ։ Հարցուփորձ ըրաւ սաչուն ժամուն ձգելու մասին։ Անկե՞ղծ էր։ Պէտք չկայ կասկածելու։ Վասնզի տղայ ժառանգ մը հարիւր սաչու կ՚արժէ։ Ամէն ամսու պատարագ ու հոգեհանգիստ։ Պառաւներ, փոր նայողներ, սեռ մտիկ ընողներ, մէկը կը մտնէր, միւսը կ՚ելլէր իր տունէն։ Ու հսկո՜ւմ։ Թէ տէրտէրով՝ որ ժամկոչը հետն առած, մինակ կը վախնար, մութը կոխելուն, կը մտնէր մեծ եկեղեցին, դալկոտ երկու մոմի դէմ ու կը քաղէր կարգը, ամբողջ ու թերահաւատ։ Միւս կողմէ՝ խե՜ր, ծովու պէս, ամաններով մածուն, կաթնապուր։ Սնտուկին խորէն կերպասներ՝ թաղին ոռը-բաց տղոց։ Առատ նուէրներ ժամուն թապախին։ Ու միւս կողմէ՝ կռի՜ւ, դաժան, փրփրող, լիրբ ու գեղեցիկ իսկ, Իսրայէլին բոլոր հարսներուն հետ։

-Անունը Բենիամի՞ն, - կը հեգնէին զայն, տէրտէրէն փրթած սրտմտութեամբ մը Նալպանտենց կիները, ու՝

-Թո՜ւ, թո՜ւ, - կը թքնէին գետինը։

-Տղայ մը ուտէ թող, - ու կ՚ընէին սուր, դաժան ակնարկութիւնը, որ կ՚երթար տան ծառային։

Հաճի Աննան փնտռեց կռիւը ` անցնելով բառերէն ընդունուած չափը, հակակշռելու համար ով գիտէ ի՛նչ վախ կամ ամօթ, որ Իսրայէլով դրուած հրապարակ, հիմա կը շշնջուէր ու կը նեղէր։ Տան մէ՞ջ։ Անոր էրիկը շուքի մը պէս բարի, լուռ, ականջները գոցած, կը հետեւէր կնոջը յուզմունքին ու առնուած էր անոր լաւատեսութեան մէջ։ Կարեւոր միակ եղելութիւնը, ճամբու դրուիլն էր տան ծառային, պայմանաժամէն առաջ։ Կարշնեղ ու գեղադէմ երիտասարդ մըն էր ասիկա, որ Նալպանտենց շ ե մէն ելլելէ վերջ, լքեց իր ընտանիքը, նշանածը, գլուխը առաւ ու կորաւ։ Բաժի՞նը։ Տէրը ինք գիտէ։

Ու մանչ էր վեցերորդը։

Գեղը դղրդեցաւ։

Անոր հայրը, հրաշալի աւետիսին առջեւ, երկու ժամ մարած մնաց։ Բայց արթննալուն, ցատկեց ոտքի, իբր թէ հիւանդ, մահամերձ հիւանդը չըլլար գեղին սպասումին։ Ո՜վ դրած էր սա ծխնին անոր զիստերուն։ Ի՜նչ ալ բարակցեր էին սրունքները, որոնցմէ միսը հալեր-գացեր էր, ընելիք չունեցող ծառայի մը պէս։ Բայց արտակարգ ուժ մը կեցուց անոնց վրայ նոյնքան բարակ անոր իրանը։ Բացաւ անիկա գեղին նայող մեծ պատուհանը, վերին յարկէն ու խելայեղ, առանց գիտնալու, թէ ինչ կ՚ընէր, արձակեց վրայէ վրայ վեցհարուածեանը։ Մարդիկ զարմացան ո՛չ թէ գնդակէն, այլ՝ Կարային ձեռք էն ։ Չէ՜ր վախնար։ Զէնքը արգիլուած էր շատոնց ու Իսրայէլը կրնար կեդրոն հասցնել այդ գանգիւնները։ Մարդ կը մտածէ, երբ քիչ կամ բնաւ է յուզուած։ Անոր չորցած շրթունքները, ճեփճերմակ, կը դողդողային, անհնարին գոռումով, անհնարին աղաղակը՝

-Աչքը լո՜ւս, Նալպանտենց տղոցը։

Ու, աւելի հրաշքը։ Տեսան զայն, որ այդ շունչով վար էր եկած. ու առանց դողալու չիյնալու համար ան ամսուան ուժ էր սպառած, ոսկորները ներսէն բռնի սանձելով - գացած սրճարան, սուրճ ու թէյ, ու լոխում ու շաքար ապսպրած բոլորին, անխտիր, թշնամի թէ օտար։ Յետոյ՝ մարդ էր վազցուցած դրացի գեղերը, վարձելու բոլոր թմբուկները եւ զուռնաները, Կիրակիի կնունքին համար։

Զոյգ գոմէշներ պառկեցան Նալպանտենց դուռին, երբ կնունքի թափօրը դուրս կ՚ելլէր անկէ։ «Օսկի» վարագոյրէն զատ, որ տարուան երկու մեծ տաղաւարներուն միայն կը հանուէր գանձարանէն, ու վարձելի չէր մարդկային որեւէ փառքի, երեւան բերուեցան ժամուն բոլոր պահծու զարդեղէնները, կանթեղները, սուղնոց շուրջառները։ Հսկայ հոգեհանգիստ։ Ժամուորին մոմը Գաբրիէլ հրեշտակապետի պատկերին՝ հասակով։ Փոքր վարագոյր մը աւագ սեղանին՝ հաճի Սառային պահածներէն, լման ոսկի, այսինքն՝ թաւի շ խորքի վրայ ծաղիկներ ձոյլ, բայց բարակ։ Կնքող քահանան մեծահամբաւ գերդաստանին արժանաւոր պայազատ յայտարարեց նորածինը ` ապահով ըլլալով Իսրայէլէն, որ հայհոյութեանց ռմբակոծումէն զատ, մեղք ալ կը մտնէր, իր պառաւներու գիծէն, օրուան մը ժամը, արարողութիւնը կորսնցնելով։ Քառսունէն ետքը, ոտքի ամէն կնիկ ժամը չի փախցներ։ Փախուստը կ՚արձանագրուի Աստուծոյ գիրքին մէջ։ Պիտի փորձ ո ւէր տէրտէրը Յարութիւն մկրտել, եթէ ձախորդ նախապաշարում մը չմիջամտէր։ Հաճիին պէս մարդ երկու հեղ չի գար աշխարհ։ Ու ով որ անոր անունը պիտի կրէ, պիտի կրէ զայն դժբախտ բեռի պէս։ Պատարագը՝ ծանր ու լեցուն, վար չէր մնար տաղաւարներու շքեղութենէն։ Ու ժամուն չորս դուռներուն զետեղուեցան չորս խալկիններ։ Ու բոլոր կարեւոր փողոցներուն բերանը շինուեցան մեծ օճախներ։ Արիւնը վազեց։ Օղին վազեց։ Գինին վազեց՝ աղբիւրի պէս։ Մատաղին առատութիւնը, թափօրին փարթամ գնացքը, Նալպանտենց հաճի Սերոբին խաթրը սեպող դրացի գեղերուն երեւելի կամ խոնարհ իշխանները ըրին այդ հանդիսանքը բացառիկ ու հանրահամբաւ։ Մարդիկ կը փորձ ո ւէին ոգեկոչել մեծ հաճիին կարաւանները։ Այս կարգի կնունքներ հարսնիքի չափ աղմուկ հանած են ու կը պատմուին տարիներ վերջ։ Մէկը մանաւանդ կը յիշատակուի իր ընդարձակ տարօրինակութեանը համար։ Եօթը գոմէշ, եօթը եզ, եօթը կով, այսպէս բոլոր զոհելի չորքոտանիներէն եւ երկոտանիներէն եօթնական հատ, մեծահարուստ գերդաստանի մը տաշտի-քերուկ 10 մէկ ընձիւղին համար, որ կու գար օճախը փրկելու։ Թիւը կը հպատակէր յիմար ուխտի մը ` կատարուած ժամուն ճիշդ կեդրոնը, ըղձաւոր ու հաստահաւատ տիկինէն, հինգ աղջիկէ ետք վեցերորդին՝ մանչուն ի պատիւ։ Աստուծոյ ականջը բաց պահուն մեր փափաքները ի՜նչ են, որ չընդունուին։ Ու անհաշիւ վատնեց հաճի Կարապետը ` առանց իջնելու ոսկիներուն մգլած մառանը, սանկ վերի երեսէն, ափ ի բերան ձգելու չափ գեղացին ու օտարը։ Նալպանտենց ձե՜ռք էր վերջապէս։ Ամիսներ չհատցուցին այս կնունքը։

Ափ մը բան էր սակայն, ճիշդ մեծկակ ափ մը բան Նալպանտենց նոր Սերոբը, որ ծաղրանկարն անգամ չէր բերեր նշանաւոր իր հաւուն։ Ճանչցողը՝ գիտէ ծնունդէն ոսկորներուն կանգունը։ Պտղունց մը միս, ինչպէս սկսած էին արդէն քաշքշել Իսրայէլին կիները եւ ուրիշ, նորընծայ նախանձորդներ, այս անգամ գեղին միւս հարուստ տիկիններէն, որոնք տակաւին չէին մարսած կնունքին շքեղանքը, իրե՜նք գեղը վարող, գեղացիին առջին ինկող ու ետին կեցող մեծ տոհմերու տիկիններ, ու կը միացնէին իրենց փորի ցաւը իսրայէլեան նզովքին ու խաչահանութեան։ Անոնց համար արու այս ծնունդը ոչինչ կը փաստէր։ Ոչինչ կը հերքէր իրենց վճիռներէն։ Անոնք շարունակեցին հաւատալ իրենց ախորժակներուն եւ չընդունիլ ծիծաղելի այս խլեակը, իրենց բառով՝ խլինքը, զոր մանկութեան առաջին ախտերը պիտի չուշանային մաքրելէ։ Մայրը, տպաւորուած, սարսափով կը պաշարուէր տղուն կեանքին համար ու կը համբուրէր կոճակի պէս բանը, որ կարծես կը ճարմանդէր անոր զիստերը, փոքր ու աննշան, սմքած լուբիա մը ` խաբելու աստիճան սեռին իր յատկանիշը։

Ու գեղը բացաւ իր լրբութեան դուռները։ Իսրայէլը պատու ա խնդիր հեգնութեամբ մը կը մեղքնար թիրիթ Կարային ու հանրութեան ուշին կը յանձնէր պապաճան Բաթիկը ` տանը ճամբուած ծառան, որ քիչ մը շատ ըսած էր իր «խաթունին» վրայ։ Ըսուա՞ծը։ Սովորական պաշտամունքը երիտասարդին, որ հասուն կնիկի մը հոտին մէջ կ՚առնուի։ Կը տեսնէ պարզ բաներ եւ կը գեղազարդէ ` պատմելու համար իր ընկերներուն։ Հաճի Աննան հերքեց նոյնքան լրբութեամբ, նոյնքան կորովի. այնպէս որ, հերքումի այս փոյթն ու սաստկութիւնը չուշացաւ փաստը ամրապնդելէ ամբոխին բերնին։

-Չուտողին բերանը չի հոտիր։

Առածը կ՚օրինակէր սոխը ու կը թելադրէր կասկածը։ Ինչո՛ւ պայքարիլ սուտին դէմ։

-Բերանը որ չայրի, ատչափ չի բանար։

Միշտ սոխն էր։ Ու գեղը կու տար ու կ՚առնէր։ Երգի փշրանքներ, սանկ-նանկ հաւաքուիլ առին։ Բայց կեանքը աւելի նեղ էր հիմա ու մարդիկ երգելէ աւելի՝ հացին հոգը ունէին հոլովելիք։ Հակառակ Իսրայէլի խաչակրութեան՝ գայթակղութիւնը չաճեցաւ։ Ընդհակառակն։ Անիկա, ամիս մը ետքը, չծնած մեռել երեխաներու կը նմանէր։ Որքա՞ն էր իրականութեան բաժինը։

-Մութ բան է, տղաք, - կ՚ըսէին ծերերը։

-Մի դատէք, որ չդատուիք, - կ՚աւելցնէր տէրտէրը, որ շահ ունէր խաղաղ մթնոլորտէն։

-Տէրը ինք դատաւոր, - կը վճռէին փորձառուներն ու բանիմացները ու կը ծխէին, խոշոր պուկերով։

Այս կռիւներուն քովէն, փապուճ չձգելով ոչ ոքի, օգնութեամբը մօրը, որ յղութեան առջի ամիսէն իսկ անցեր էր Նալպանտենց տունը, մուշտակը կռնակին, մեծ կնիկի մը ա՛լ արդար փառքովը, հաճի Աննան նուիրուեցաւ պզտիկին։ Այս գետնին վրայ անոնք մնացին անզուգական։ Տղա՞ն։ Բայց Աստուած է կու տայ, կը պահէ ալ զայն։ Այսպէս կը դատեն մեր կնիկները եւ կը փաթթեն ամուր խանձարուրքի մէջ ` բաց ձգելով բերնիկը միայն ու մնացեալը վստահելով օրանին ջերմութեան, մեծ մօրը ոտքին, որ պիտի շարժի ժամեր շարունակ։ Հաճի Աննան շեղեցա՞ւ աւանդութենէն։ Ատ չէ կարեւորը։ Գեղը երկրորդ օրինակ մը չունի այս հերոսութեան, որով անիկա մահուան «որդեգիր» այդ սուտը, այդ խլէզը, ըսին նոյնիսկ, սատանայէն գողցուած, պուկիով Աննային արգանդը թխմուած այս հրէշը ազատեց մահուան մանգաղէն։ «Առիւծի կաթ» թելադրէր թող խենթին մէկը ու հաճի Աննան պիտի վազէր մինչեւ «Հինտիստան»։ Ու ատանկ սուտ, ջնջուած, օրանին մէջ լաթերէն ու բարձերէն հազիւ զատելի, Նալպանտենց աւագ տունին յետին շառաւիղը շարունակեց մեծնալ։ Հաճի Աննան իր ծիծերուն քով ուրիշներ ալ դրաւ, ընկճուած անհուն ծարաւէն, որ զաւկին շրթները կը պատմէին, անընդհատ ծծելով, ծծելով, քան թէ արթուն, փոխելու չափ դէմքին ձեւը, ուռեցնելով լինտերը, գոգաձեւ դէպի դուրս, գուշիկ՝ ինչպէս կ՚որակուի կզակին այդ ձեւը։ Ո՞ւր կ՚երթար հաճի Աննային կաթը, այդքան առատ։ Դուռ-դրացի, աղքատ ու պարզուկ հարսներ խեր կը սեպէին քանի մը պուկ բան թափել անոր անյագ բերանին։ Կաթի այս ողորմութիւնը սրտառուչ է շատ, եւ հեռի՝ քաղաքներուն հաշիւէն եւ զգուշանքէն։ Գիշեր թէ ցերեկ, քուն թէ արթուն պահերուն միշտ մէկը հսկեց օրանին վրայ ` հազար ու մէկ կասկածանքով։ Ան կը վախնար չ արքերէն, Նալպանտենց պուկիներէն, որոնք գտնուեցան պարտէզին սեմին տակ օդէն եւ երկինքէն։ Տարին չաւարտած, այս խնամքներուն իբր արդիւնք օրանին մէջ զգալի եղաւ մանչուկ մը։ Ան ի՜նչ դժուար հաւաքուած էր այդ քիչ մը բանը։ Մանրուկ, բայց գիրուկ։ Լուսի պէս ճերմակ։ Ըսե՛ս կաթը առեր՝ մարդու կաշիին են անցուցեր։ Բայց անիկա ուշագրաւ էր իր աչքերուն տարակարգ կենդանութեամբը։ Աղմո՞ւկ։ Լա՞ց։ Չլսուեցան ամիսներով։

-Տղայ ալ ըլլայ, հարուստի ն ն ըլլայ, - կ՚ըսէին մայրերը, իրենց ճուացող լակոտներուն խփելով քիթին։

Հծծի՛ւն մը, մանր, խոնաւ, կաթնախառն։ Խելօք, սուսիկ-փուսիկ, այսքա՛ն կ՚ըլլար։ «Աստուած մ՚ունենար, ձգէ օրերով», կ՚ըսէին հարսները, երբ իրենց ծիծը կը քաշէին բերնէն, որ կը պահէր իր կլոր բռնուածքը եւ կը շարունակէր մատները ծծել։ Ու կը խաղար ժամերով կամարէն կախ ոսկոր խաչին հետ, որ յիշատակն էր հաճի Սառային եւ որուն կեդրոնին երբ աչք դնէիր, Աստուածամարը կը տեսնէիր ` գիրկին Յիսուսով։

Մեռաւ անոր հայրը, տարի մը ետքը, չորցած, միսի վերջին շեղբն ալ սպառած, բայց հանդարտ ու ուրախ, որքան որ ներելի է ըսել, առանց ըլլալու «նայուածքը ետին», ժողովրդական նկարուն բացատրութեամբ մը։ Ոչ ոք ցաւեցաւ վրան։ Զայն մոռցած էին սրճարանի ընկերները։ Միշտ դրան սպասող մահը ի վերջոյ դադրեցաւ իր իմաստէն ։ Մարդիկ չ ե ն հաւատար շատ հեղ կրկն ո ւած սարսափին։ Բայց ամէնէն քիչ ազդուած ըլլալու էր այդ մահէն իր կինը ` հաճի Աննան, որուն համար ան «կը պակսէր» արդէն տարիներէ ի վեր, կղպուած ու որդնոտ իր աճուկովը ու զազիր, անշօշա փ ելի ոսկերուտքովը։ Որ զզուեցուցած էր նոյնիսկ շ որ լուացող Հոս-Մնամը, կնիկը, «շէնք-շնորհք» հիւանդ կրնալ չըլլալուն։

Բայց տղան ապրեցաւ։ Անցաւ անիկա բոլոր սպասուած ու հաշուըւած հիւանդութիւններէն, ծաղիկէն ու հարսանիթէն, թոքատապէն ու կապուտ հազէն, փորքշուկէն ու ջերմէն, չսեպելու համար մանր-մունր տաքութիւնները, ակռայի տագնապները, առանց վտանգի։

Ապրեցաւ անիկա այս ամէնէն, հաճի Աննային հաւատքովը ` ի դերեւ հանելու համար անաստուած սպասումը Իսրայէլին։ Քաշողը միայն գիտէ, թէ ինչ կ՚արժէ տղան, երբ պիտի մեծնայ դուրսին կրակովը։ Զայն պաշարեց մայրը զրահուած հսկողութեամբ մը։ Թող չտուաւ, որ երես-փուչք 11 քալքի ատեն դուրս համարձակի տանը մեծ բակէն, փողոցին վրայ, տարեկիցներուն հետ, ոտքերը արեւին երկննալու-քնանալու։ Աւելի վերջը, անոր արգիլեց խաղալը ընկերներուն հետ ։ Կտրեց անոր ոտքը ազգականներուն տունէն։ Խիստ պատիժներով, որոնք լալով կու տար, վարժեցուց զայն օտարի ձեռքէն, խանութէն ոչինչ առնելու, նոյնիսկ լէպլէպի շաքարը, որուն համար տղաքը, ես ալ մէջը ադ տարիքիս, հոգի կու տային։ Լեցուց, լարեց անոր պզտիկ հոգին իր ատելութեամբը Իսրայէլին դէմ, այնպէս որ, գրող տեսածի պէս կը սառէր բարկութենէն, երբ պատահումը իր դէմը բերէր անոնց տղոցմէն մէկը։ Բաղնիք, ժամ չզատեց անոր պզտիկ թաթը իր լայն ու ամուր ափէն ` ականջ չդնելով անոր յոգնութեան կամ մատղաշ ցաւին, արդիւնք՝ կակուղ դնդերներուն կրած ճնշումին։ Ան առաջ տարաւ այս հսկողութիւնը ա՛յնքան աւելի խիստ, ո՛րքան շատցան տարիները։ Մշտապէս փակ հսկայ բակին մէջ իսկ չձգեց զայն առանձին ` վախնալով անլուր դաւերէ։ Մկան դեղը քիչ կ ը տարբերէր սուսամ շաքարէն։ Ու Իսրայէ՜լը։ Ան չէ՞ր, որ կործանած էր իր պապերուն Աստուածը։ Տէրտէրը չէր հասկցած Նոր Իսրայէ՜լը։ Ու խփեց ականջը բոլոր ծաղրերուն ու խրատներուն։ Մայրերուն բնազդը քիչ կը սխալի։ Արհամարհեց ամբողջ գեղացին, որ սկսելով Նալպանտենց տղոցմէն, հեգնել առաւ, չար ու թթու՝ այս գմբէթաւոր գուրգուրանքը։

-Վարտիքին մէջը թող պահէ։

-Թթուն դ նէ։

Կ՚ըսէին իրարու եւ կը խնդային։

Բայց մեծցաւ անիկա։ Եղաւ դպրոցցու, քիչ մը շատ բարակ, մա՛նաւանդ հասակէն աղքատ։ Մայրը գոհ էր սակայն։ Իր տղան աժտահարի չափ հասակ ունէր իր աչքին…։ Ու նշանուեցաւ տասնին չմտած։

Ասդին, շատոնց սկսած էր արդէն անոր մօրը նոր ասպարէզը։ Էրիկը, աղէկ-գէշ շ ո ւք մըն է այդ գիծէ կիներուն գլխուն, որ առնուազն կը պաշտպանէ՝ եթէ ոչ գլուխը, գոնէ փէշերը չար լեզուներէն, գոնէ օրէնքէն։

Այրին։ Գեղանի այրին, մեծատուն այրին խորհուրդ է եւ երեւոյթ։ Ազատեցէք ձեր մտքէն անոր պատկերը քաղքենի սարքերուն տափակ կամ տխուր կապանքէն։ Անիկա առնուազն մարմին մըն է մեր քաղաքներուն մէջ, որ սեւ կը հագնի եւ ճերմակ իր մորթը ջնարակել կու տայ իւղին ու փոշիին։ Իր զաւակները պատրուակներ են անոր ցուցադրումին։ Ու կը գտնէ մէկը ` պսակով կամ առանց պսակի։ Անշուշտ, արհեստաւորին այրին էրիկ-մարդ է միշտ։ Պիտի չխորհի զաւկըներէն դուրս ուրիշ բաներու։ Գեղերո՞ւն մէջ։ Հիմա կը գիտնաք։

Զայն թաղելէ յետոյ, հաճի Աննան ինքզինքը գտաւ միս-մինակ, կեանքին հազար պէտքերուն դէմ։ Հասկնալի էր անոր խորունկ շուարումը, քանի որ կեանքը կը յարձակէր վրան շատ մը ճակատներէ։ Ամէնէն դժնդակները, լիրբերը եղան նորէն Նալպանտենց տղաքը, որոնք, տգէտ միւֆթիներու ցուցմունքովը պաշտօնապէս միջամտեցին, կեդրոնէն դատաւոր ու մ ո լլա բերին, ցուցակագրելու համար լուսահոգի Էմիմի օղլուին բոլոր ունեցածը ` սկսեալ անուանի ձիթաստաններէն մինչեւ սխտոր գուշը։ Ի՜նչ մեղքցող, ի՜նչ հոգածու, անոնք գումարել տուին թաղական խորհուրդ, ուր ստիպուեցաւ երեւալ, կառավարական փաթթոցով քարտուղարներու ներկայութեան, Սերոբը գիրկը, հաշիւը տալու մգլած ոսկիին, այսինքն՝ ուրիշ թագաւորներու թուղրա յով դրամներուն, ու տալ հաշիւը նոր թագաւորին։ Ան իր գիտցածովը, լսածովը պաշտպանեց որբին իրաւունքը, անշուշտ շատ աւելի լաւ, քան Իսրայէլի անօթի շունուընին (շուները)։ Ան երդում չըրաւ չամուսնանալու, պարզապէս կոտրելու համար Իսրայէլին պահանջը, բայց մտքէն չանցուց այդ յիմարութիւնը։ Տուն մը աղջիկ ու փաշայի պէս տղա՛յ մը։ Չէի՞ն բաւեր։ Ի՞նչ հարկ կեանքէն բռնի առնելու, ինչ որ իրացած րոպէին իսկ անկշիռ կը դառնայ։ Այս է պատճառը, որ այրի կիները նախայարձակ կ՚ըլլան։ Չինկաւ թակարդին մէջ, որ կը մատուցուէր իր զգայարանքներուն, հաստկեկ, ջոջ աղայի մը կողմէ, որուն կնիկը մեռած էր տղաբերքին եւ որ, ազդեցիկ մարդ, պետական գիծէ, ձեռքերը երկայն, նոր-նոր ծրագիրներով ստեղծեց Սերոբին թնճուկը։ Կ ինը մնաց անյողդողդ։ Մերժեց՝ հրապարակելով մեծաղային դիտումները «յատենի ժողովոյ», փարայի մը ընելով անոր անունը՝ խնամակալութիւնը՝ որ պիտի ձգուէր անոր նախագահութեան։ Անգամ մը կաշին պատռելէ ետքը՝ անիկա եղաւ անդիմադրելի։ Ու փաթթուած օրէնքին առաձիգ պաշտպանութեան, աւելի ճիշդը՝ իր ա ղուորութեան եւ մուշտակին՝ անիկա մեկուսացուց ինքզինքը եւ իր տղան։ Ու սիրտ առած՝ տարածեց իր փէշերը իր տունին ու կալուածներուն։

Լեցուն՝ թէ՛ կուրծքէն, թէ՛ քսակէն, լեզուանի, փարթամ մա՛նաւանդ միսով, ու հարուստ ամէն բանով, ամէնէն շատ սիրտով ու յանդգնութեամբ՝ անիկա շուտով անցաւ պէտքին սահմանները ու զարգացուց ինքզինքը ` խելք, փառասիրութիւն, եզակիութիւն հետապնդելով ու բերնին չափը տալով թաղականներուն, որոնք ամէն նորոգուելու, ով գիտէ ո՛ր խլրդային քիթերէ մղուած, ձեռք կ՚առնէին իր տետրակները, քննելու կ՚ելլէին տան ներքին կացութիւնը ու ազգասիրութիւն եւ արդարութիւն կ՚ախորժէին ծախել ` պաշտպան կենալով այս իւղոտ որբին։ Հանրային գետինի վրայ մուրացկան, ու շատ-շատ՝ կոտրած կիներու վարժ ո ւած մեր ա ղաները կ՚ախորժէին այս աղուոր կնիկէն, որ խօսիլ գիտէր։ Բայց գիտէր մա՛նաւանդ խօսելով յուզել։ Մնալով պատշաճ, սեւ լաչակի մէջ թեթեւ մը ստուե ր ած իր երեսները՝ անիկա կիրքին ջերմութիւնը, հաւաքուած սեռին գուցէ պապակը կ՚արձակէր իրմէն։ Ու իր բառերը կը կշռէին։ Ու իր բառերը իրաւ էին ու կը կոտրէին։ Գուցէ այս երեւումը, ժամուն օտաները՝ հետեւանք եւ նմանութիւն է թուրք կիներու, որոնց մէկ կարեւոր, մասը, այս ու այն երակէ թոշակառու, ի հաշիւ իրենց ղազի զաւակներուն կամ նոյնքան կազի էրիկներուն, կը խուժէին կառավարական դիւանները, սեփ-սեւ վարշամակուած, ու գիտէին լսելի ընել իրենց պահանջները։ Հայ գեղին մէջ հրաշքի մօտ բան էր հետեւիլ այս գեղանի, երեսէն նուռ կաթող կնիկին, որ հաճոյք ունէր պոռալ-կանչելու, ուրիշներուն լռածը բարձրաղաղակ պատգամելու եւ կօշիկը հակառակ կողմէն հագցնելու հնօրեայ, եփած աղուէսներուն, Մակարենց Կարապետ ա ղային եւ հաճի Տիմէթէոսին, երկուքն ալ ժամուն օտան որջացած, որոնք կողմնակի միջոցներով դուք ընդարձակեցէք միջոցները եւ ըրէք ճակատ, պիտի չխաբուիք թուղթի ու փետուրի (գրիչ) քերթուքներով տուն մը տղայ կը պահէին, կնիկներուն քիրմանի շալ կապել կու տային եւ արեւին մէջ կաթիլ մը քրտինք չունէին թափած, առանց Աստուծոյ հողէն ու անոր երեսին տնկուած փայտ մը, այգիի փշրանք մը ունեցած ըլլալու, բոլորն ալ սպառած ըլլալով կերուխումի եւ քաղքի բոզերուն հետ։ Անիկա բացառիկ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ այս աղուէսներու ռազմափորձերուն։ Խորտակեց անոնց, հեռուէն հեռու, հազիւ զգալի պաշարողական ծրագիրները՝ գեղեցկութեանը վայլող տաք, համոզկեր, անուշ ու, տեղին համեմատ՝ արիւնող, բզկտող իր լեզուովը, որ քանի՛ գնաց, ճոխացաւ, բարակցաւ, համ ու պղպեղ, սեր ու կարագ ճարեց դէպքերէն եւ փորձառութիւններէն։ Ժողովականէ մը աւելի պերճ էր անոր մուտքը։ Հանդիսաւոր ու տպաւորիչ էր անոր ելքը։ Ու կը սեպէին զինքը, տէրտէրէն սկսեալ մինչեւ փաստուած աղաները, որոնք, կառավարութեան գործերուն մէջ ինկած, մուխթար եւ աղա քանի՜ անի՜ հեղ՝ պահեստի անցած էին ալ։ Նոյն աչալրջութեամբ ան հետեւեցաւ տանը ընթացիկ գործերուն։ Միշտ իր տղուն հետ, պզտիկութեանը՝ գրկած, աւելի մեծնալուն՝ թեւէն բռնած, աւելի ուշ՝ առջին ձգած, ան եղաւ ամէն տեղ, ուր կարիք կար։ Եղաւ անիկա մա՛նաւանդ իր պարտէզները ` սանձելու համար Իսրայէլին գողութիւնները, որոնք կը սկսին նախ ոտք մը հողով, կ՚աւելնան յետոյ խրամ իջնելով եւ օրին մէկն ալ շարք մը (որթատունկ, թթենի) ողջ-ողջ կուլ տալով։ Ան ծիծաղելի, բայց անդարմանելի կերպով ամօթահար ըրաւ ստամբակները, որոնք փորձեցին արտերուն մէջ յարձակիլ անոր վրայ։ Պատիւի՞ն։ Ստոյգ չէ անշուշտ։ Գեղին մէջ կան յիմարներ, որոնք ժում մը հացի կամ տոլ մը գինիի փոխարէն յանձն կ՚առնեն ծայրագոյն խաղքութիւնը։ Անոր զօրաւոր ձայնը կը բաւէր ժամ մը հեռուէն խուլերն իսկ իրազեկ ընել պատահելիքին, սուր, զիլ ու եզամ չտեսած։ Ունէր մա՛նաւանդ իր բազուկները, որոնք երկու հոգիի թեւերը պլորեցին ու զարկին գետին։ Այս դրուագները զինքը կեցուցին ազատ՝ յայրատ աչքերէ եւ փորձերէ։ Ան եղաւ կառավարութեան դուռներուն, որբը հետը, դատարանի առջեւ պաշտպանելու իր մուրհակները, որոնք կ՚ուրացուէին ` գրողին կամ վկաներուն կաշառուելովը։ Ու եղաւ անիկա իր քէնին մէջ՝ աղուո՛ր, բիւրեղացած կոչուելու չափ, արձանին պէս, զոր կը հագցնեն, մշտապէս ամրափակ, առանց թուլիկ թելի մը, որ յանդգնէր լաչակէն դուրս սպրդիլ։ Մշտապէս մարտահրաւէր գրգռելով, ստեղծելով։ Անիծելով, հայհոյելով, զարնելով անխնայ՝ բոլորին մեղքը իրենց երեսին, առանց քողքելու, առանց խիպէն մեղմելու իր բառերը։ Փռելով մարդոց գարշութիւնները իրենց անցած ճամբաներէն ու կիներուն ստորնութիւնները անոնց ժամէն դարձին։ Կիրքի մէջ այս սաստկութիւնը կը վայելէր անոր, մինչեւ իսկ աղտին մէջ զայն պահելով ցանկալի ու աղուոր։ Ան հաճոյքով կ՚ընդառաջէր գայթակղութիւնը, որուն վրայ խարսխուած կը մնան մեր քաղաքակրթութեան խոշոր կեղերը եւ որ մեզի ընել կու տայ մեզմէ հարիւր անգամ վար բաներ։ Երբեք չվախցաւ, հարիւրաւորներու ներկայութեան, Նալպանտենց տղոցը երեսին տալ, պարտ ու պատշաճ վերադիրներուն մեղրովն ու պղպեղովը, գողութիւնը, որ հողով կը կատարուի եւ զոր ամէն մարդ կը հասկնայ ` չափով մը անցած ըլլալով անոր ձգողութենէն։ Վասնզի հողին համը հզօր է կնոջ, որքան այր մարդուն մէջ։ Մշտապէս անով, այրը կարծես իր գոհացումը չի գտներ, մինչեւ որ քանի մը թիզ բան չսոթտէ այրիին հողէն ու չխառնէ, հալեցնէ իրենին մէջ։ Ու տարօրինակը հո՛ն է, որ ոչ ոք կը տառապի այդ մեղքով։ Հողին այս վայելքը, առքը, կապուած ըլլան գուցէ աւելի մութ, խղճագիտական զգայութիւններու, երբ կը հայթայթուի հայրենի ժառանգութենէն իրենց արդար բաժինը առած եղբայրներու միջեւ։ Հ ո ս աղբարը կը զրկէ աղբարը անգթութեամբ մը, որ չի բացատրուիր։ Իսրայէ՞լը։ Անոնք ամէնուն քանի մը քար հանելու չափ քաջավարժ էին այդ տախտակին։

Այսպէս, հաճի Աննան հասաւ ամէնուն։ Սանձեց բոլոր ցանկութիւնները։ Զաւկի, տունի, հացի, դրամի հոգերէ զերծ՝ անիկա իր մէջ տրամադրելի կորովը, աւիշը գործադրեց իր ատելութեանց պարարումին։ Արդար ըլլալու համար թերեւս պէտք է աւելցնել, որ այրիութիւնը նպաստեց իրեն։ Ոեւէ էրիկ-մարդ իր կինը պիտի չյօժարէր նման մարզերու գործածել։ Բայց, գլուխէն ազատ՝ անցուցած փէշերը գօտիին փաթին –երկուքն ալ ընտրելագոյն տեսակէն, հաճի Աննան գեղին մէջ յիշատակ է հագուածքի հանդէպ իր խնամքովը։ Դուք գիտէք անոր մուշտակը, անոր փառփառ վառող կօշիկները , անիկա սրբագրեց բոլոր կողոպտումները, սահմանազանցումները։ Իր շփումները, բնական խելքը սորվեցուցին իր ճամբան։ Չվարանեցաւ ոտքի հանել քննիչներ եւ կալուածական վերստուգիչ յանձնաժողովներ։ Կը ծախսէր առատ ու կը շահէր առատ, այսինքն՝ վճիռները։ Ու նորոգութի՛ւն, ով գիտէ ո՛ր քարտուղարին թելադրութեամբը, կառավարութեան դիւաններէն, համարձակ պնդումներովը, տեղին համեմատ անուշ լեզուով կամ թախանձանքով, ձեռք բերաւ Նալպանտենց ճիւղադրութիւնը, կալուածական ամբողջ թղթածրարը, գեղին մէջ, թաղականներու միջոցով կատարուած բաժինքներուն վերջնական վաւերացումը, քարտէսներ եւ պետական գոչան ները։ Ի՛նչ աշխատանք էր ասիկա դիւաններու մէջ, ուր երկու տող գրող քարտուղարը մէկ ժամ հանգիստ կը վճռէր իրեն։ Ու թուղթի մը տակ պակսած գիրի մը, թուականի մը, կնիքի մը կամ ստորագրութեան մը համար ամիսներով երթեւեկ անխուսափելի բաներ էին։ Մնաց որ, թուրք պաշտօնեաները տկար են, առհասարակ, կիներու հանդէպ։ Երիտասարդ էր անիկա, քանի մը տարով հեռու դեռ երեսունէն։ Ու ա՛լ վարժուած էր անիկա թուքոտ նայուածքներու, ի ր տղան միշտ ափէն բռնած շոյելու պատրուակին տակ օղի հոտող խռֆածներու խոնաւ ու յայրատ շունչին, խօսքերու, աչք խփումներու ` բոլորն ալ տանելով վայելչութեամբ, սառնութեամբ, փորձ եւ եփուն ռազմավարութեամբ մը։

Գեղը փորձեց պատժել այս կորովը ` նոր Բաթիկներ հնարելով։ Ան առաջ գնաց, աւելի քան պատշաճութիւնը, այսինքն՝ փողոցէ փողոց իրարու գլխուն թափուիլը արտօնուած գարշութիւնը, ու թուրքերու անկողինը պառկեցուց պարկեշտ կնիկը։ Աբուգաթ հաճի Աննան պարզ տիտղոս մը չէր, այլ՝ ամբողջ պատմութիւն մը։ Պաշտպանեց իր պատիւը կրցածին չափ։ Անոր մեծագոյն վահանը մանչն էր, որ մօրը թեւէն առանց զատուելու, մասնակից էր անոր շուրջը դարձող ցանկութեան ու վաւաշի հեղեղին։ Հոդ էր, որ սկսաւ անիկա իր երկրորդ մանկութեան եւ պատ ան ութեան մեղքերը զգալ։ Թուրքերու մատներէն անոր այտերն ու միսերը սորվեցան չմոռցուելիք բաներ։ Անոր մայրը, տարուած իր կիրքէն, չէր տեսներ կատարուածը աչքերուն առջեւ։

Ա նոր միջոցներէն, ինքզինքը պաշտպանելու, կարեւորներէն մէկ ուրիշն ալ տան ծառաներուն անխնայ փոփոխութիւնը եղաւ։ Իր գիւտն էր վեցամսեայ ծառայութիւնը, որ սկիզբները խրտչեցուց։ Բայց գեղանի կնիկին աչքին տակ դառնալը հոգ չէ թէ վեց ամիս բախտ մըն էր երիտասարդներուն, որոնք երկուք չըրին անոր հրաւէրը։ Ամէն ծառայ, հոն մտնելէ առաջ, կը տանէր անոր երազը իրեն հետ, երազը շինուած՝ գեղին եւ դուրսին բոլոր հեքիաթէն։ Բայց առաջին շաբթուն իսկ կը մտնէին իրականութեան ծոցը, որ իրենց պարտականութեանց ամփոփումն էր, խիստ, խղճամիտ եւ ամուր բռնուած։ Տունին ներքին յօրինուածքին մէջ անիկա ըրաւ փոփոխութիւններ։ Անիկա բաժնած էր ծառաներուն բաժինը տան մայր բակէն։ Հնարեց խիստ օրէնքներ աշխատանքի, առտուն ելլելու, իրիկունը տուն դարձի, միօրինակ, անվրէպ ու բռնաւոր։ Չյարգողները ճամբու դրուեցան առաջին իսկ շաբաթէն։ Հետն էր միշտ մայրը։ Բայց Իսրայէլին թեւաւոր ու գմբէթաւոր սուտերը, ինչպէս մեծաշռինդ սրամտութիւնը, ինչպէս հասարակ զրպարտութիւնը չէին բաւած չգտնելու համար հաճի Աննային մօրը ` Հոս-Մնամ Մերոնին դարաւոր պարկեշտութիւնը։

Տէրը չուշացաւ անգամ մըն ալ վարձատրել այս առաքինի մարտնչումները մօր ու աղջկան։ Աճեցուց հաճի Աննան խելքէն, հեղինակութենէն, պոյէն ու պոսէն (գէրութիւնը մի մոռնաք)։ Մարդերու հետ իր շատ շփումները իրեն ճարեցին այն բա ց ա ռ իկ զգայարանքը, որով կը գործեն մեծ քարոզիչները, խղճմտանքի ղեկավարները, մեր մէջ՝ առաջնորդները։ Այդ խելքին շնորհիւ ան ունեցաւ խորունկ եւ յարմար ընտրութեամբ մը ճարուած փեսացուներու շարք մը, որոնք, անոր աղջիկներուն ծոցէն աւելի պաշտպանեցին իմաստուն, առաքինի կնիկը։ Մէկ կողմէն ապրելով տղուն ամէն մէկ շունչին հետ՝ ան ձեռնարկեց իրարու ետեւէ իր աղջիկներուն ամուսնութեան։ Անոր փեսացուները, առանց բացառութեան, աղքատիկ, բայց շատ կորովի հօրէ ու մօրմէ (հաճի Աննան այդ տարազին տակ կը ձգէր ծնողքներուն ֆիզիքական ատաղձը, գուցէ թթուն ակռաները առած ըլլալուն։ Երկու Նալպանտ կար իր ետին. մէկը՝ կեսրայրը, միւսը՝ էրիկը), բարեկազմ տղաք էին, որոնցմէ մէկ-քանին իբր ծառայ, անոր շեմին ճարեցին սա գեղեցիկ երիտասարդութիւնը ու անոր իւղովը բարեխառնեցին իրենց ոսկորներուն իւղը։ Ու անոր աղջիկները ` բարակ, կապուտաչուի, շէ՛կ, ինչպէս էր մայրերնին, իրարմէ աղուոր, հագուած գեղին ամէնէն խռովիչ ճաշակովը, բայց հագած մա՛նաւանդ կախարդութիւնը իրենց մորթին, չտ րուեցան ոչ մէկ հարուստի տղու։ Հակառակութի՞ւն։ Հաշի՞ւ։ Հաճի Աննան ինքնիրմէն զատ դատաւոր չունէր։ Ու մեր հարուստները այդ օրերուն նիւթ են զատ վէպի մը։ Անոնք, աղջիկները, չպակսեցան իրենց մայրիկին քովէն, քաղի բոլոր աշխատանքներուն։ Գացին այգի, ձիթաստանները, մրգանոցները, քաղհանքի, պտղահաւաքի, հնձելու, խաթարով ոսկի ճիտերնին, մանգաղին վրայ ծռած, դեղձի պէս թաւշային ու խմուելիք։ Իմաստուն այս կարգադրութիւններով (հաճի Աննան իր դալկոտ տղուն հետ քաղաք իջած ատեն, լսած էր բժիշկները, որոնց թելադրութիւններէն ան վախցաւ մանչուն հաշուոյն, բայց գործադրեց աղջիկներուն վրայ), տաքին ու պաղին վարժ իր աղջիկները աճեցան արագ ու ձեռք ձգեցին ինչ որ պակսած էր իրենց ծնունդով արիւնի այն առատութիւնը, թանձրութիւնը, զոր բաց օդը միայն կը հայթայթէ մեր երակներուն։ Չարքաշ այս մարզումն ե րը նիւթական արդիւնքով ալ աճեցուցին տունին բարօրութիւնը։

Աւելցան անոր բակին մէջ ձիթապտուղի հինգ հազարնոց տակառները, գիւղացի բերաններէն երկիւղած զմայլումով արտաբերուած կատոզները։ Աւելցան իւղի գուբերը, մարդահասակ ու լռին կուռքերու պէս շարք-շարք, ոտքի՝ կամ իջած գետնին փորը, խորամոյն, թանկագին հեղուկը կարծես քաղելով հողին արգանդէն։ (Անոնք, այդ գետնափոր հնձանները, որոնց խորը աւանդութիւնը կ՚ապրեցնէ տունին պաշտպան փիրերը, ուրիշ բառով մը՝ հըզըրը ։ Ու կան տուներ, որոնք չեն պակսիր անոնց յորդումէն։ Մենք ունէինք մականուններ, որոնք կը պատմեն այդ հեքիաթներէն։ Տունը-տեղը կը լեցուի, կը յորդի՛ իւղով)։ Թարմացան ծեր այգիները ու իրենց վայելչութեամբը, համաչափութեամբը Նալպանտենց տունը փռեցին դաշտի երեսին, այնպէս զատ, զատուող, ինչպէս էր վերը, գեղին բնակարաններուն մէջ։ Անմշակ հողերուն վրայ ան ստեղծեց նորատունկ պարտէզներ։ Աղջիկներուն հասուննալէն յետոյ, գրեթէ ամէն տարի Նալպանտենց հնօրեայ դուռները, որոնք ոսկեբարձ ուղտերու անցք էին տուած, բացուեցան արդար, փառաւոր, օրհնուած հարսնիքներու, գինիին եւ հրացանին մէջը չափաւոր։ Լաւ ու ամէնուն գովեստը շահած օժիտներով, անոր աղջիկները հարս գացին բանուկ, դատուկ, գեղանձն տղոց, որոնց դէմքի կանոնաւորութեան չափ հոգիներուն ալ շիտակութիւնը փնտռած ու գտած էր անվրէպ փորձառութեամբը։

Իր տղուն համար ալ չթռաւ անիկա շատ վերերէն, իր ծագումին ձգողութի՞ւնը, թէ ուրիշ, իրեն միայն ծանօթ պատճառներ զինքը ըրին վերապահ՝ հարուստ տուներէ եկած մատուցումներուն։ Իր փնտռածը, ամէն բանէ առաջ, աղջիկն էր, առողջ, շէնքն ու շնորհքը տեղը։ Ու ի՜նչ սուր էր անոր հոտառութիւնը գոյներէն եւ դ նդերներէն։ Անշուշտ հիւանդ աղջիկը հազուադէպ է շատ։ Բայց Նալպանտենց տիկինը չէ մոռցած իր կեսուրին, մա՛նաւանդ կեսրարէն պատմուածները։ Դրա՞մ, կալուա՞ծ։ Ազդեցիկ խնամիական կապե՞ր։ Ան չխորհեցաւ իր իսկ հարստութեան։ Յետոյ՝ քիչ չէին օրինակները հարուստ տուներէ կատղած հարսներու։ Իր ուզա՞ծը։ Համ ունենար ու խպնիլ գիտնար։ Որուն լեզուն ըլլար քաղցր, բայց երբեք երկար։ Որ տունին մէջ պտըտէր պայծառ-պայծառ, լուսաւորէր սիրտերը (ի՜նչ բխում է կնոջ միսը, համեստ թէ փարթամ յարկերէ։ Դուք զայն մի դատէք վէպերէն ու քաղաքներէն։ Անիկա հրաշք մըն է, շօշափելի, սեփական՝ երիտասարդին, որ լման օր մը հողին հետ հող ըլլալէ յետոյ, կը դառնայ իր տունը ու կը լուացուի կապոյտին կամ մեղրին մէջ կնոջը աչքերուն։ Որուն ժպիտը բաւ է անոր, որպէսզի սրբուի ժանգը, քրտինքին մշուշը, ու տառապանքը, որ կեանքն իսկ է մեր նեարդներուն խորը։ Կի՜նը ամէն բան է քանի մը տարի), բայց շահէր, պարտկէր իր էրիկը, մա՛նաւանդ զաւկները։ Անիկա յարգեց աւանդական բոլոր կարգ ու սարքը, այդ ընտրութեան համար, չափերը, թիզերը, շօշափումները, բաղնիքները, որոնք հարսնցուներու որոշումին ատեն պարզ, պարտադիր, հիմնական պայմաններ կը մնան։ Ու մի զարմանաք, որ այս զննութիւններուն արդիւնքը երեւան գայ անվրիպելի։ Պառաւներուն քով այս զգայարանքը մօտիկը կը կենայ, կենդանիներուն մէջ անվրէպ բնազդին։ Տարօրինակ այդ գիտութեան ցուցմունքովն է, որ տասը տարուան աղջնակ մը, իր որովայնին ընդունակութեանցը կողմէն գաղտնիք չունենայ պառաւին համար։ Ու շատ հազուադէպ է, որ սխալին այս գնահատումները։ Ֆիզիքական մարզին վրայ այս լուսաբանումը, թափանցումը անոնք կ՚արդարացնեն բարոյականին ալ զննութեամբը։ Հոս կը միջամտեն ընտանիքին անունը, աւանդութիւնները։ Տեղն է թերեւս աւելցնել, որ առաջին մարզին անսխալական պառաւները յուսախաբ եղած ալ շատ ունեցան երկրորդ գետնին վրայ։

Տղուն օժիտը կտրելու համար տարին, հաճի Աննան կատարն էր իր փառքին։ Անշուշտ հարսին հետ Երուսաղէմ մը պիտի վաւերագրէր այդ երջանկութիւնը, եթէ Տէրը կամենար։ Ատ ալ մօտեցած էր ահա։ Ու հիմա, անոր տունը կը վայելէր արդար խաղաղութիւն մը, արդիւնք՝ այնքան պղտոր ոգորումներու։ Տղայ կարգելը մօր մը համար թուական մը ըլլալէ տարբեր բան մըն է, մա՛նաւանդ գեղերուն մէջ։ Գալիք հարսէն գալիք խռովքներն ու տակնուվրայութիւնները չեն, որ կը շինեն այս անկիւնադարձին խորհուրդը։ Մեծ մայրը աւելի կ՚արժէ, քան մայրը։ Ու թերեւս այդ տարտամ գոհացումին առաջին ցոլքերն են, որ օժիտի համար քաղաք իջնող ամէն մօր դէմքէն զգալի կ՚ըլլան։ Ասիկա՝ սովորական կտաւէ մայրերուն համար։ Հաճի Աննա՞ն։

Անոր մայրութեան պէս մեծ-մայրութիւնն ալ կանչուած էր խորունկ բախումներու, տարիքին ու դէպքերուն կնիքովը եղերական։ Առայժմ անոր կը մնային՝ երիտասարդութենէն՝ քաղցր, դաշնաւոր, խելացի լեզուն, որուն զօրութիւնը պիտի չիյնար իր աստիճանէն, մինչեւ իսկ հոգէառին դիմացը։ Ազդեցութիւններ, կեդրոնէն, փեսաներէն, իր տունէն ճլտորած ու մէյ-մէկ մարդ դարձած հին ծառաներէն, ամէնուն հասնող կնիկի լայն իր կապերէն։ Հարստութիւն՝ Նալպանտենց մգլած ոսկիներէն, հաճի Սառային շղթայակերպ շ արոցներէն մինչեւ նոր ոգիով շ ահագործուած ձ իթհան գործարանը, տան պատերը հիւսող, գորգող մետաքս ու ազնիւ բուրդէ ձեռագործ զարդեղէններ։ Պարտէզնե՜րը, լայն-լայն, կոկիկ-կոկիկ, ուր չէ տրուած խիճի մը հանդիպիլ։ Նալպանտենց արիւնէն՝ հինգ հատ փեսայ՝ դուք կը ճանչնաք անոնց նկարագիրը, բայց չէք ճանչնար անոնց նուիրումը ալնըման զոքանչին, որ կուռք մը, կիսաստուած մը, հրեղէն էակ մը կը մնար անոնց աչքին, եւ որուն աղջիկներուն մէջ անոնք պաշտամունքն ու սեռը, միտքն ու միսը, գեղեցկութիւնն ու վայելքը գաւաթ-գաւաթ կը խմէին ու չէին կշտանար, աղքատիկ յարկերու մէջ այդ աղջիկներուն թափած օրհնութի՜ւնը, համը, իրենց կեսուրներուն հետ սրտառուչ ըսուելու չափ հլու եւ քաղցրաբարոյ վարմունքը փաստեր էին, որպէսզի ատ տղաքը մահուան գնով տնկուէին հո՛ն՝ ուր հաճի Աննային խօսքը իյնար աղտոտ բաներու կողքին։ Անոր ` հաճի Աննային, կը մնային տակաւին, կեանքէն՝ դառն, տրտում փորձառութիւններ, ով գիտէ ի՛նչ սեւ ջուրերէ հանուած, որոնք մեր օրերուն մէջէն կը քաշեն ու մելանի պէս կը ներկեն մեր յուզումները ` երբեմն արեւն իսկ սեւ քսելով մեր բիբերուն։ Ո՜վ անհասելի գծծութիւնը, խեղճութիւնը կեանքին, որուն փոշին քաղաքը կու տայ, բայց որուն արիւնը, անկարելի եղերականութիւնը գեղն է, որ կը բաշխէ։ Որուն վրայ կը դ ողդղանք ամէնէն անպէտ վայրկեանին եւ զոր կը թողունք անայց, անգէտ, յիմար, որ հոսի, լճանայ, աղանայ, երբ կաթիլն իսկ իյնալու չէր գետին։ Անոր կը մնար, անցեալէն ծակ ականջ մը, ուր ինկած էին՝ շատ քիչ լաւ բաներու հետ՝ բանակ մը մեղք, աղտոտութիւն ու փոքրութիւններ։ Արեւելքի մէջ աչքէն աւելի զարգացած է ականջը։ Կիներուն սաւանուիլը եւ վախը պատճառներն են գուցէ այս գերզգայութեան։ Թուրքերը իրենց առջեւէն անցնող ամէն ձեւի սաւան ու լաչակ վարժ ո ւած էին սեռին սաղմոսը երգել, բարձրաղաղակ ու ջերմեռանդ։

Կը յարգուէր բոլորէն, շիտակ իր խօսքին եւ աննկատ իր դատաստանին համար։ Պայքարը, վէճը մշակած էին անոր մէջ խորհելու ուժ եւ խորհուրդը յայտնելու անկախ կորով։ Կը հասնէր բոլոր կարօտներուն, լայն ու արմատական շարժումներով ` պարագայէն աւելի պատճառին յարձակելով։ Իր բարիքները այսպէսով գրգիռներ կ՚ըլլային եւ կ՚ազատէին յաճախ զառիթափին վրայ, անդունդ շիտկած տունը, տանտէրը, մայրը։ Կը կազմակերպէր հիւանդները քաղաք, դարմանումի իջեցնելու այլապէս դժուար առաքելութիւններ, կռուելով տգիտութեան՝ ինչպէս նախապաշարումին դէմ։ Հաշտարարն էր անիկա կարեւոր վէճերուն ու մի զարմանաք դուք, որ չէք գիտեր, թէ ամէն բան կնիկով կը սկսի ` էրիկով վերջանալու համար։ Հեղինակաւոր՝ թաղին բոլոր հարցերուն մէջ կը գործածէր զգուշութեամբ դժուարակիր այդ շէնքը, մա՛նաւանդ վերջերը, երբ գեղը կ՚անցնէր փոփոխման շրջանէ մը, ուր հին ու «պապենական» կարգերը կը դղրդէին, ուր հին, կտրիճ փառքերու դէմ, շահուած արդար ու մեծ դանակներով, մարտի կրկէսէն, աննահանջ արութեան մը իբր պսակ, կը ժմնէին նորեր, փոքր, նախանձոտ, հրազէնի հերոսներ, քան թէ դանակի, ուր հարսները, փոխանակ թոյն ուտելով իրենց ազատութիւնն ու ա՛լ անկորուստ հանգիստը գտնելու, լեզու կ՚ելլէին, ու իրենց էրիկներուն օձիքէն խածած զատ տունի հիմը կը դնէին։ Ան կը յաճախէր հին, հարուստ, «ադայէն-տէտէյէն» ընտանիքներուն, որոնց դուռները շատ բաց չեղան իր հարսնութեան շրջանին, հաճի Սառային ու Հոս-Մնամ Մերոնին բոլորովին հակադիր, բայց պատրուակ ծառայող մեղքերուն համար։ Ու կապ էր անիկա գալիք կարգերուն։ Բայց անիկա չզիջաւ ոչ իսկ կուճուկ մատին հասակովը Իսրայէլին դէմ իր ատելութենէն։ Յայսմաւուրքին բոլոր հրաշալի պատմութիւնները, որոնք, ներող ոգիի, քրիստոնեայ անյիշաչարութեան գլուխ-գործոցներ են, անկարող եղան կտրելու երկաթը, պողպատը անոր ատելութեան։ Ժպտելով մտիկ կ՚ընէր մատուցումները երբեք Իսրայէլէն, որ իր կարգին եղունգի չափ չզիջաւ իր հայհոյանքէն, զրպարտումէն եւ հրապարակային լրբութենէն , որոնք միջնորդները կը մտածեն ուրիշին հաշուոյն։ «Ինք մեղաւոր էր», հաճի Աննան, կը խօսէր մեղմիկ, ու ինքզինքը անարժան կը դնէր հեքիաթին փառաբանած սուրբերուն, նետելու համար, կոյանոց բերանները Իսրայէլի կիներուն։ Այս խուսափումները հազիւ կը յաջողէին ծածկել անոր հոգիին ներքին անհաս, աղով ու ժահրով ծածկուած քարաժայռը, զոր ատելութիւնը շիներ, ձեւաւորեր էր իր ներսէն իրեն հանգիստին համար։ Թերեւս ինք իսկ կ՚անգիտանար չափը, կարծրութիւնը այդ զգացումին։

Ան չէր սիրած։ Իրարու ետեւէ իր աղջիկները անոր մէջ մայրութիւնը զարգացնելու տեղ չարափոխած էին զգացումը։ Կը զայրանար աղջիկներու այս շարանին դէմ՝ էրկա՜նը, մեռցնելու չափ կրծելով անոր միսերը, անոր մէջ հաստատելով արի՜ւնը Իսրայէլին։ Իր մանչը շատ ուշ կու գար մեղմելու թշուառական այս զգացումը։ Ե՞րբ պիտի սիրէր. էրիկը արդէն դիակ մըն էր։ Այսպէս, անոր երակներէն, ջիղերէն, ներքին հոսումներէն գոյանալիք պայծառ վիճակը, սիրաւէտ, քաղցր տաղաւարը մեր հոգիին՝ անոր մէջ մատուռ մըն էր ահարկու ատելութեան մը։ Ու շրջապատին վրայ անոր արձակումները խ ա ղ ու պատրա՜նք։ Անհուն իր չարութիւնն էր, որ տուն կու տար իրեն իր բարիքները։ Ու ասիկա անգիտակցաբար։ Պառա՜ւը պիտի ըլլար անիկա, որ պիտի չվարանէր իր ծրագրին դէմ ելլող մարդ - արարածը մուկի նման թունաւորելու։

Ու մուշտակով, ու լրջութեամբ, ու ժպիտով՝ անիկա կարգեց իր տղան։ Ծոցին գիշերէն պիտի սկսէր անոր կեանքին դժբախտագոյն հարուածը։

1 Մուշտայ կօշկակարի գործիք, որով կը տափկըցնեն կաշին. ունի բթամատի մօտ ձեւ։

2 Պուլամա թանձրացած ռուբ։

3 Շար շատ բարակ հիւսքով մետաքսեղէն, որ թաշկինակի տեղ կը գործածուի եւ փեսաներուն ճիտը կ՚օղակէ` խորհրդանշելով շատ բարակ, շատ գեղեցիկ, բայց անքակտելի լուծը։

4 Խսմէթ, գսմէթ բախտ։

5 Տամէճան մեծփոր շիշ, խսիրէ փաթաթով, զանազան մեծութեամբ, օղիի եւ գինիի։

6 Սաչու այն նուէրը, միշտ հող կամ կալուած, զոր հարսին կեսայրը կամ կեսուրը կ՚ընէ հարսին, երբ ասիկա իր ոտքը կը դնէ առաջին անգամ էրկանը դուռը։ Կարեւոր` իր անձեռնմխելիութեամբը։ Գրեթէ միշտ հող ըլլալուն` ան ենթակայ է հողին ճակատագրին։ Այս է պատճառը, որ աւանդութիւնը զայն անկախ ընէ պետութեան շատ մը օրէնքներէն։ Գրաւելի չէ պարտքի փոխարէն։ Չ՚ազդուիր ընտանիքին բոլոր անկումներէն։ Կը դիմանայ ամէն բանի կորուստէն ետքն ալ։ Հարսները անոր արդիւնքը նախանձոտ զգուշութեամբ մը կը զատեն տունին հասարակաց բերքերէն եւ իրաւունքը ունին զայն գործածելու ուզածնուն պէս։

7 Փիր արհեստի մը ծագումին պահապան ու անոր աճումին հսկող ոգի։

8 Ճողել թերեւս չուել, մեռնիլ։

9 Տորպա շիտակ զրուցող հաւանաբար սլաւ. ծագումով, տոպրէ-տոպրէ, լաւ, ուղիղ։

10 Տաշտի-քերուկ վերջին զաւակը։ Կը փոխաբերուի խմորի տաշտէն, խմորէն յետոյ, քերուկով մէջտեղ բերուած խմորէն փոքր, քիչ, բայց բաւական` յաջորդ տաշտ մը ալիւրը խմորելու։

11 Երես-փուչք երեսին վրայ պառկելով քալելը փոքրերուն։