Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Ու նստած են դէմ դէմի երկու խնամիները։

Սենեակը, օճախով հին ու անուանի հիւրանոցին աղքատ ընդօրինակութիւնը, ինչպէս է արդէն արդի Սերոբն ալ, ծաղրանկարը նշանաւոր իր պապուն կը մնայ նոյնը, կահաւորման մեծ իր գիծերուն մէջ եւ կը կրկնէ հարազատ պատկերը հինգ տարի առաջուան, երբ Աղուորը մէրանցը տունէն հոս ոտք էր դրեր։ Պզտիկը, եկող տղան միայն այս սենեակներուն բան մը կ՚աւելցնէր։ Բաբէթի աչքէն կ՚անցնին թաղին բոլոր հարսները, նշանած ու տարիէն կարգուելիք աղջիկները, կտոր-կտոր շինուող պատկեր։ Կարծես երէկ պատահած ըլլար, այնքան յստակ ու իրաւ էին անոր գոյները։ Պատահարներէն, որոնք մեր օրերուն հէնքը կը կազմեն, ոմանք ինչո՛ւ ունին այս կնիքը եղած, կատարուած ըլլալու, եւ ուրիշներ՝ տժգոյն ստուեր մը միայն։ Նոյնն է սենեակը, ահաւոր ճնշումով, երբ խնամի Բաբէթը ծոցին յաջորդող ամբողջ ցերեկը մնաց հոն, աղջկանը հետ, կոտրած, նկուն, շուարուն, չհասկնալով առագաստին սա վրիպանքը, ճնշուած մա՛նաւանդ հաճի Աննայէն, որ «ըքուին բռնուած» կը խօսէր հաստատ, դէգ, ու կը մշտէր զինքը ամէն մէկ բառին, հակառակ անոր, որ իր աղքատիկ խեղճութեանը մէջ խնամի Բաբէթը իրականին մէջ կախուած էր անոր ամէն մէկ բառէն, ո՛ւր երթալը, ի՛նչ ընելը մոռցած։

Ու տարիներ։ Նոյնն է սենեակը։

Որքա՜ն աւելի շատ տեսած է այդ սենեակը, անկէ յետոյ, երկու խնամիները եւ անոնց լուռ, սրտակեղեք արցունքները։ Ի՜նչ հերոսական, բայց անգործադրելի որոշումներ մտիկ է ըրած անոր հանդարտ օճախը։ Ու ի՜նչ դայեկներ…

Անոնք հիմա, ա՛յս առտու, պարտաւոր են անցնելու հերոսական որոշումին։ Հինգ տարուան ողբերգութենէ մը ետք, անոնք պիտի փորձեն ինչ որ մարդուն բերանը վրայ չ՚երթար ըսելու։ Օճախին սիրուն, զաւակ մը ճարելու յոյսով, անոնք Աղուորը, Նալպանտենց անուանի հարսը ծոցը պիտի տան այս գիշեր տանը ծառային, Սողոմենց Սողոմին։

Վճռական ու արի է հաճի Աննան։ Ա՛յնքան՝ որ խնամի Բաբէթը տեսակ մը երկիւղով կը դատէ այս սառնութիւնը։ Ի՜նչ յստակ են անոր բառերը։ Ի՜նչ հանդարտ, համոզկեր՝ անոր արտայայտութիւնը։ Ի՜նչ արդար՝ անոր փաստերը, որոնք եղի պէս ջուրին երեսը կը հանեն ու կը փայլեցնեն գեղին մէջ ամէնէն անարգ այդ մեղքը։ Ամէն ինչ քաղցր, օծուն ու բնական։ Այնքան փո՛րձ՝ վիճակ ու կանխապատրաստութիւն, որ Բաբէթը մտքով կը բարձրանայ այն օրերուն, երբ գեղը կասկածի տակ ձգեց Աննային արգանդը, նոյն գիծէն՝ թիրիթ Կարապետին առնութիւնը։ Ան օրերուն ինքն ալ տաք փէշեր ունէր եւ ատանկ ձայներ մարմին ունեցող բաներուն նման կը քսուէին իր միսերուն։ Բայց անիկա պարզ էր ու աղքատ։ Լսած ու խաչ մը հանելով ետին էր նետած անօրէն բամբասանքը։ Ատանկ անաստուած խօսքերու մէջ իրեն չէր տրուած հէնք խառնել։

-Տղուն ո՞վ ըսէ։

Հիմնական տագնա՛պը, որ առանցքը կը կազմէր այս երկարաձիգ վարանումին։ Որուն առջեւ անոնք ընկրկած էին անգամ մը անցեալ տարի։ Երկու կիներն ալ դէ զ -դէզ ունէին պատրուակներ, իրարու վրայ նետելու տաժանելի դերը՝ առաջարկումին։ Հաճի Աննան, իբր կեսուր, կշիռքին տակն էր հզօր ու հաստատ աւանդութեան։ Գերագոյն պատասխանատուն էր իր օճախին պատիւին ու կը մարմնացնէր աշխարհի աչքին անկաշառ ու արթուն պահակը իրեն յանձնուած հարսերուն նամուսին։ Կեսուրը մեգերա է այդ մարզին վրայ։ Գեղին պատմութիւնը անուններ ունի, բաւական ալ, մայրերու՝ որոնք իրենց աղջիկները օտարին անկողինը յանձնեցին։ Բայց մէկ հատիկ իսկ չունի կեսուրներէն՝ այդ մեղքով մեղաւոր։ Այս իրողութիւնը ուժ կու տար հաճի Աննային՝ խնամի Բաբէթէն սպասելու ազատարար նախաձեռնութիւնը։

Ան չէր կրնար այսքան անզգամ բան մը ներել իր բերանին։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ, իր ընկրկումին ի նպաստ իր փաստարկութիւնները, իր մանուածապատ լուծումները, աւելի հարազատ բառով՝ վերլուծումները մնացեր էին անզօր, երբ կարգը եկած էր որոշումէն գործի անցնելուն։ Ու դառնութեամբ տեսած էր, որ իր սարսափը կը միանար Բաբէթին արդար սարսափին։ Ի զուր ան օգնութիւն փնտռեց իր նիւթապաշտ բնազդներէն, ի զուր իր գործնական առաքինութիւնները հրապարակ կանչեց ու բռնի իր աչքերուն դէմ դիմացուց կարելի, հաւանական տեսարաններ, որոնց մէջ Նալպանտենց տղաքը հեգնելով ու հայհոյելով վրան կը նստէին իր այնքան սիրած կալուածներուն ` զինքը նետելով Հոս-Մնամին խաւար անկիւնը, կը գրաւէին սա գեղեցիկ տունը, որուն ամէն մէկ ծեփին մէջ անոր մատներէն միս էր կաթեր։ Հաճի Աննան իր տունն ու կալուածները կը սիրէր զգայարանքներով։ Անոնց եւ իր մէջտեղը ձգուածը պարապութիւն չէր, այլ՝ աներեւոյթ, բայց զգալի ոստայն մը։ Դպիլ մէկուն, հաւասար էր թրթռացնել միւսը։ Այս տիպ երը աւելի կը տառապին, քան ագահները։ Ու անհանդուրժելի են, երբ ուժ ունենան։ Նման մտապատկերներու դէմ, անոր ատելութիւնը կը կարծրանար, կը լարէր իր կամքին ոսկորները եւ կը նետէր դէպի վճռականութիւն, աչքերը մոլորած ու պատրաստ ամէն զոհողութեան։ Բայց երբ ոտք ելլէր երազին բեռէն ու նայէր հարսին անմեղ հասակին, կը կործանէր ատելութեան այդ կազմածը ինքնիրեն։ Կը նետուէր վար, զգոյշ ու վախկոտ, հոն հանդիպիլ կարծելով մտածումին ստուերին։ Աչքէ կ՚անցընէր Սողոմին խցիկը, չտեսնուելու ճիգով մը հարսէն։ Աղուորին շատ արտօնուած չէր երեւիլ տունին այդ բաժինին մէջ, գիշերները, չ արքերու պատրուակին տակ։ Հոգեբան պառաւը կը զգուշացնէր հարսը, ցերեկներն իսկ, թափառելու խուցին մօտերը, երբ ծառաները արտն ալ ըլլային։ Այսպէս, հինգ տարուան հարս, Աղուորը կեսուրին ժամ եղած ատենը միայն կրնար բանալ ծառային խուցը։ Ի՞նչ կը փնտռէր մատաղատի կինը այդ չարքաշ խցիկին մէջ, ուր հաստատ անկողին մը եւ պատէն կախ դաշոյններ կը պահէին իրեն երկիւղած նայուածքը։ Ի՞նչ կը փնտռեն ամուլ հարսները, երբ կ՚անցնին անտես ալիքներու վրայէ…։ Բայց ինչո՞ւ կ՚իջնար պառաւը հոն։ Ի՞նչ էր փնտռածը։ Չէր գիտեր, աւելի ճիշդը՝ միտքը կը զգուշացնէր ատոր թափանցումը ընելէ։ Եղաւ ատեն մը, ուր մտադրեց վերցնել արգելքը, անցեալ տարի, երբ նոր ծառան, Սողոմենց Սողոմը առաջին օրը ըրաւ տունին։ Նամեհրամի մօտ այս զգուշաւորութիւնը՝ հաճի Աննային երիտասարդ օրերու կտակ՝ արմատացած սովորութիւն էր ա՛լ տունին համար։ Ու մեր զգայարանքները շատ աւելի պահպանողական են, քան մեր միտքը։ Սողոմը մտադրած էր ան խառնել տունի կեանքին։ Բայց կը վախնար իր տղայէն, որ կարգուելէն ասդին, եղած էր նախանձոտ ու դաժան մարդ մը ` ծածկամիտ ու խորախորհուրդ։ Որ ասեղին ծակէն Պաղտատ կը տեսնէր եւ տունին բոլոր գիծերուն աղիւսակը կը պահէր մտքին մէջ գոց ` տեսնելով ամէն խախտած, տեղէն քիչ մը դուրս ելած առարկան ու ատոր արտադրումին համար գործածուած ուժին աղբիւրները հետազօտելով։ Որ կը պահէր իր կնիկը, ներքինիի մը նման, որուն վաւերական յատկանիշը կը պահէր արդէն ողնուղեղին մէջ, ջուրով լեցուած խողովա՛կ։ Միւս կողմէ՝ հաճի Աննային հոգին կը խռովէր հարսին պատկերովը, որ օտար էր ու հեռու մեղքի նոյնիսկ ստուերէն։ Ու անմռունչ, անպատմելի անոր համակերպութիւնը կը տեսնէր ան խորապէս յուզուած ` մեղք ն ալով անոր գիշերներուն, լալով իր տղուն դժբախտութեանը վրայ, բայց զմայլելով իր հարսին՝ որ կը պահէր լեզուն ձիգ, տանելով անկողինին դժոխքը, առանց որ դուրս բան թափէր ծակէ ու ճեղքէ։ Կիներ կան ու թերեւս շատ ալ, որոնք պիտի տառապին մեղքին ուրուականէն ու անկէ խուսափելու համար պիտի զգուշանան անոր ճամբաներէն, այսինքն՝ արձակ, ընդարձակ կեանքէն։ Կրնան յաջողիլ։ Անոնք պիտի ծերանան, յիմար գոհացումովը արտաքին դատումին ու պիտի սուզուին ապուշացման ծոցը ` յիշելով շրջանը, երբ միս ունէին։ Ուրիշներ պիտի քսուին մեղքին, անկէ պաշարուին պիտի, բայց պիտի չգիտնան զայն, որովհետեւ անոնք պիտի խաղան անոր հետ միամտութեամբ ու սիրով, ինչպէս երկամեայ մանուկը՝ օձին հետ։ Անոնց մէջ կարելի է հանդիպիլ այն սրբազան դէմքերուն, որոնք խաչով ու Աւետարանով պսակուած ըլլալնուն, ընդունած են իրենց կուսութիւնը՝ անհուպ ու անշամանդաղ գերեզման տանիլ, առանց որ մէկը կասկածի այս ողբերգութիւնը։ Երկու պարագային ալ գործ ունինք ճակատագրական յարդարանքի մը հետ, որուն դէմ ընդվզումը ով գիտէ մինչեւ ո՛ւր, ո՛ր անդունդները պիտի տանէր ափ մը օրերու սա գուպարը մենէ շատերու հաշուոյն։ Օրինակ, միջավայր, աւանդութիւններ, երբեմն քիչ մը արիւն, այսինքն՝ ժառանգականութիւն թերեւս դեր ունին, երբ գեղացի հարսնուկ մը կը մալէ իր արգանդը։ Նոյն այդ պայմանները մուտք ունին, երբ ուրիշ մը պատռտէ բարքերուն երկաթ լաչակը իր որովայնին վրայէն եւ նետուի իր սիրածին ետեւէն։ Բայց ասիկա բացառութիւնն է հազարներու մէջէն։ Սեռային յիմարութիւնը ոչ ոք թող համարձակի դատել։ Անիկա իրաւ է միւս բոլոր յիմարութեանց նման ու արիւնոտ։ Սովորական, այսինքն՝ խելօք կինը, նոյնիսկ ամուլ՝ էրկանը ճամբաներէն՝ կը քաշէ լաչակը գլխին, կը գիրնայ երեսունը չանցած ու, ամուր պաշտպանելով իր վտանգայոյզ փէշերը, ինքզինքը համոզելով, մա՛նաւանդ էրիկը, զոր առած է իր ճանկերուն մէջ, կեսուրը կը նետէ անկիւնի անգործութեան կամ դէպի ժամ կկոցումին քանի որ թոռներու պակասը աւելորդ կ՚ընէ ասոնց տեղն ու դերը ու կ՚ապրի տեսակ մը նախանձուած կենցաղ, հանրանուէր ու առատ։ Բարի է ան ու սիրաբուխ, բռնակալ ու անդիմադրելի, ա՛յնքան՝ որ մարդ կը փորձուի խորհիլ փատցած աղջիկներուն ու անզգայ քարերուն։ Ժամ ու աղօթք։ Աղքատներուն ու անկարներուն այցեր ու նպաստ։ Կնունքներէ կ՚ախորժի ու հարիւրներով սան կը համրէ։ Բայց անհնարին ուժգնութեամբ մը կ՚ատէ ներերը, տագրերը, անոնց պզտիկները ` գտած ու հաստատած ըլլալով անոնց մէջ ժառանգական, անհաշտ թշնամին, որուն դերը ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ սպասել ու սպասել քայքայումը անոր սեփական տունին, անվրէպ ու անձանձիր ախորժակովը բոլոր ժառանգողներուն։ Ահա գլխաւոր գիծերուն մէջ այս շրջուած ողբերգութիւնը, որ կը զատուի վաւերականէն իր վախճանին սկիզբ ըլլալովը միայն։ Գեղը հետզհետէ աւելի շատ կը համրէ անոնցմէ։ Երբեմն, հրաշքն ու ուխտերը, մինչեւ Արմաշ բոպիկ քալուածք մը, երեսունի դուռներուն, կը յաջողին կենսաւորել սառած արգանդը։ Բայց այս հեռաւոր ուխտերը կասկածէ զերծ չեն։ Բարքերու փոփոխումին հետ նոր մեղքեր, զաւակ ճարելու նոր կերպեր կը տարաձայնուին, միտքէ չանցնելու չափ ճարտարահիւս եղանակներ, վէպեր։ Ասոր համար է, որ այրերը կը նախընտրեն իրենց կալուածներուն, քան թէ պատիւին մէջ հարուածուիլ։ Ու դուք տակաւին անունն ու մանկութիւնը միայն կը ճանչնաք Նալպանտենց Սերոբին։

Նալպանտենց Սերոբ աղան, ինչպէս կ՚ըսեն յիսունը անցուկ ծերեր, որոնք տարին չորս-հինգ տաղաւարներուն կ՚երեւին գեղամէջ, խոշոր ու նոր եմէնիները ճղռտացնելէն, եւ որոնք գեղէն պիտի ճանչնան այնքան բան, որքան Հայրապենց աղբիւրին կոճը։ Սերոբէ էֆէնտի՛ն, ինչպէս կը գրեն հիմա, կառավարութեան կողմէ զանազան թուղթեր, երբ պէտքի վրայ զայն կեդրոն կը հրաւիրեն։ Կամ Նալպանտենց Սերոբը՝ ինչպէս վարժ ո ւած է դպրոցի սեմէն, տարեկից երիտասարդութիւնը զինքը որակել։ Անիկա երեք անուններու տակ ալ, ու անոնցմէ անդին՝ դէմք է գեղին մէջ։ Բայց նախ անոր երկրորդ մանկութիւնը, որ նիւթ է տուած շատ մը զրոյցներու։ Խարտեաշ, կապուտիկ աչքեր, շատ բաց մորթ, որ արեւէն հեռու պահուելուն, ա՛լ աւելի կը ճերմկի։ Ծնունդի ոսկրային փոքրութիւնը շատ դժուար ազդուեցաւ տարիներէն, որոնք աւելցան, բայց չաւելցուցին անո ր հասակը ընկալեալ կանգունով։ Աճումի այս դանդաղութիւնը կարծես կը վայլէր իրեն։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ կը վայելցնէր ինքը, հեշտագին մնալով մանկութեան սահմաններուն ` ուշանալով, չելլելով անկէ։ Հակառակ մեծահարուստի տղայ ըլլալուն, ան շատ քիչ կը փոխէր իր զգեստները, որոնք չէին ալ հիննար, կերպասին լաւութենէն դուրս, մէջի մարմինին խելօքութենէն։ Տարինե՜ր կը տեսնուէր նոյն չուխայիկը, նոյն կօշիկը։ Աւազանի ընկերները շատոնց շուք կու տային իրեն ու անիկա պիտի նմանէր քոքուր ներուն, որոնք մարմնապէս եւ իմացապէս զարնուածներ, կը կենային տասնհինգին ու մինչեւ երեսուն մատ մը բան չէին աճեր, հաւաքելով միշտ իրենց շուրջ իրենցմէ փոքրերը, որոնք, իրենց կարգին, կը մեծնային ու կ՚երթային իրենց տարիքին հակումներուն։ Բայց դրամը, մա՛նաւանդ խելքը կը փոխէր պատկերը։ Նալպանտենց Սերոբը դպրոցին ամէնէն խելացի եւ սատանորդի մուկերէն մէկն է ր, որ յանցանքը ունէր մեծնալ չսորվելու ։ Քսանի դուռներուն՝ անոր մարմինը դեռ կը վարանէր պատանութեան անստոյգ մոյնքին մէջ, որ անոր սեռը կարճ մազերուն միայն կը հաւաքէր։ Մնացեալը՝ այտ, ձուածիր, շրթունք, քիչ մը ձայնը, անհունապէս կենդանի ու էգ աչքերը կը հակէին դէպի աղջիկը։ Մարմինէն այսքան քիչ, այլապէս կշռող այս տղան «խելքի սնտուկ» մըն էր վարժապետին ու տէրտէրներուն վկայութեամբը։ Հարուստի զաւակ, տունին ոչ մէկ կողմով պիտանի՝ անիկա տարիներով մնաց դպրոցին մէջ։ Թզուկի, ներքինիի զոյգ յատկութիւններովը, ուրիշ հաստ, դդումգլուխ ընկերներուն իր մատուցած աջակցութեամբը անոնց դասերուն, մա՛նաւանդ տունէն բերուած պէսպիսի քաղցրուեղէններովը անիկա փորձանքը դարձաւ աշակերտներուն ու վարժապետին։ Շատոնց գիտէր անկէ աւելի։ Բայց իր ծաւալումին, գետին շահելուն, դէմք մը դառնալուն կը վնասէր ճղճիմ իր հասակը, որ չէր դիմանար երկու բռունցքի։ Ու եթէ հարուստները, ինչպէս պատմեցի, իմ օրերուս, կը մտնէին դպրոցէն ներս, չէին մտներ կիներով, բացի հաճի Աննայէն, այլ՝ իրենց իսկ տղոցը հսկայ ու բիրտ մարմիններով։ Խելացի, անշուշտ։ Դպրոցը չունեցաւ անոր նմանը գրաբար լուծող եւ «Ճարտասանական պէտք» եր շարադրող, զոր մենէ ետքը, Արմաշ տեսնող վարժապետ մը՝ Մավեան անունով մարդու մը տետրակէն կը սորվեցնէր, ինչպէս հաստատեցի աւելի ուշ, գեղ դառնալուս։ Խելացի՝ բայց մասնաւոր երանգով մը, ուրիշները նեղը ձգելու, չարչարելու, իրար խառնելու շատ զօրաւոր ցանկութիւններով։ Անդադար արթուն, չփլելու համար բռունցքի մը տակ՝ իր մարմինին փոքրութեանը պատճառով, ան կը դարմանէր այդ պակասը, ուրիշներուն բազուկներով, տունին պտուղներէն վարձելով աղքատիկ տղաքը, որոնք շուրջը կը դառնային գավազի նման։ Ան չմնաց հոդ։ Վարձեց միւսներն ալ, իր իսկ մարմինով, զոր կը տրամադրէր ուժեղ եւ կատաղի պատանիներուն։ Այսպէսով ան ստեղծեց դպրոցէն իսկ ընդարձակ տրամ մը։ Փափուկ իր դիմագիծերը մնացին թուլիկ ու չհագան առնական ջրդեղ, ու կինը եղաւ անիկա կարգով, իր ընկերներուն։

Գրգռեց նախանձի հզօր տրամներ։ Մէկ ձեռքը կոտրած տղայ մը, որուն հասակը ճիշդ կրկինը կ՚ըլլար Սերոբին, անոր համար տարիներ գնաց ու եկաւ ` չզատուելով դպրոցէն, հակառակ նշանուելուն, կարգուելու իսկ հասուկ ըլլալուն։ Խենթ, տարուած, կատարելապէս սիրահար այդ տղան, աչքը «արունն առած» դ անկըտեց, անոր քմայքովը, իր ընկերները։ Ու քիչ մնաց, որ տուն աւրուէր անոր պատճառով։ Անոր սիրահարները կը տառապէին իրարմէ աւելի անոր իսկ հաշուոյն։ Հեշտա՞նք։ Ապականութի՞ւն։ Անիկա անմասն էր առաջինէն ` վաճառելով զայն անփոյթ ապրանքի մը պէս։ Բայց անհուն էր իր հաճոյքը այն տառապանքին համար, զոր կը պարտադրէր իր շուրջը կտղուցով շուներու նման դարձողներուն, իր քմայքներովը, մերժումներովը, խուսափումներովը, քաջալերովը։ Խորապէս էգ այս զգայնութեան սա խաղերը բա՞ն մը կը փաստեն։ Ինչ որ պիտի գիտնանք աւելի վերջը իր մասին, մեզի կարեւոր կ՚ընէ այս մութ, տխուր կողմերն ալ անոր մարմինին։ Կը գրգռէր, բայց չկար։ Կ՚երեւէր, կը խենթեցնէր ու կ՚ապաստանէր տուն։ Ու անոր հետքերուն վրայ տղաքը հիւանդ կ՚իյնային։ Անոր դպրոց չեկած օրը սուգի պէս բան մը կը պաշարէր կարգերը։ Ու խումբով կ՚երթային սլքտա լ Նալպանտենց պարտէզն ի վար, դրան առջեւ ` անոր դէմքը գէթ հեռուէն տեսնելու երազով։ Գիտէր։ Ու կը պակսէր յաճախակի։ Ի՛նչ հարկ այս դրուագումին…։ Ուրիշներուն վրայ ի գործ դրուած այս տառապանքը պէտք մը դարձաւ գուցէ անոր այլապէս դժբախտ, անկանգնելի ջիղերուն, որոնք սեռային մարզին վրայ իրենց դեռ անգիտակից կուրութեան, ամլութեան փոխարինումը կը գտնէին մարդերու հասցուած թաքուն կսկիծին մէջ, չգոհացուած սեռականութեան մռայլ գուպարը, զոր այնքան տարտամ կ՚ընդզգան ներքինիները, ինչպէս աչքէ զրկուած մը՝ այնքան կարօտահիւծ կը բաղձայ լոյսին թրթռումը՝ իր արտեւաններուն վրայ։

Ու տարիքին մէջ քալելէ ետքն ալ ան չկրցաւ խելօք ըլլալ։ Օր մը, վերջապէս, պարտաւորուեցաւ, քսան տարեկանին, տասնըչորսամեայ տղու մը կազմը հազիւ հաւաքած, դուրս ելլել դպրոցէն, արիւնի չտանելու համար երկու ընտանիքներու երկու հսկայ գամբռերը, որոնք անոր մարմինին վրայ իրար բզկտեցին։ Ուղեղով կազմուած, սորված էր տաճկերէնն ալ, մոլլայի մը չափ։ Բայց շարունակեց խառնակ իր պատանութիւնը։ Ու առնուազն պառկեցաւ ծոցը իր տանը ծառաներուն ` խաբելով մայրը, որ ոչինչ գիտէր։

Ամուսնացաւ, քսանհինգին մօտ, մերժումներէ, ձգձգումներէ, բուռն տեսիլքներէ ետքը։ Աւելի ճիշդ՝ հակառակած չըլլալու համար մօրը։ Շատ աւելի ճիշդը՝ հերքելու համար իր յապաղումին, տնտնալուն խորհրդաւոր առասպելը, զոր կը լուսաւորէին հոս ու հոն պատմուած տխուր բաներ։ Չըսի ձեզի, թէ պեխերը հազիւ ուրուացան։ Դէմքն ալ չէր ինկած կանացի իր կաղապարէն։ Ձայնը միայն հակած էր դէպի առնութիւն, բայց էր շատ մեղմիկ, կարծես ծերուկի մը հետ փոխանակած ըլլար իր հագագը։ Ամուսնացաւ, գուցէ գտնելու յոյսով ան իսկ, զոր իր անկողինները չէին տուած իրեն։ Ու անոր առագաստին գիշերը եղաւ եղերական բան մը։ Լուսցուց անիկա իր կնիկին ծոցը այնպէս՝ ինչպէս կը լուսցնէր երբ կնիկն էր ուրիշներուն։

Վերջին հիւանդութիւնը, տեսակ մը ժանտ տենդ, որ երկու ամիս անկողնին գամեց անոր մանր կմախքը, արժած է անոր՝ գեղեցիկ իր մազերը։ Մերկ է հիմա, փայլուն, փառաւոր իր գլուխը, շքեղ կոչուելու չափ, երբ ըլլայ առանց գլխարկի։ Վաղահասօրէն գէր երիտասարդիկ մըն է, զոր կնոջ մը լաթերը եւ ամուր լաչակ մը անճանաչելիօրէն կին մը ընէին պիտի։ Երեսները դեռ կը պահեն պատանութեան քաղցր հով մը, որ խոտոր կը համեմատէր անոր հոգիին անյատակ դաժանութեան հետ։ Փոքրացած են, թաղուելու չափ հաստ թարթիչներուն մէջ, աչքերը ու անոր մարմինը, յետոյքէն աճած, գտած է ներդաշնակութիւն մը, որ կիներուն կորաձեւերը կը յիշեցնէ…։

Տարիները աղօտացուցին անոր մեղքերը, ու անոր խելքը, շատ մը առիթներով օգտակար եղած է գեղին, որ շատ շուտ կը մոռնայ աղտոտ՝ ինչպէս մաքուր բաները։ Ինչ որ իր մասնագիտութիւնը մնաց դպրոցին մէջ, շուկայի երեսին կը կազմէ դարձեալ անոր սիրական զբաղումը, իրար ձգել։ Ան տաղանդ ունի իրարմով կոտրելու գեղին նորելուկ ու բռնակալ երիտասարդութիւնը։ Այդ տաղանդը կը տարածուի մինչեւ դրացի գեղերուն երեւելի թուրքերը, զորս պերճ, մանր ու սողոսկուն լեզուովը կը վաստկի իր պաշտպանած դատին եւ զանոնք իրարու դէմ կը լարէ։ Նոյն թաքթիք ը գեղին աղաներուն հանդէպ, որոնք ուժի, դրամի, դանակի մարդեր, անատակ՝ եթէ ոչ սուտին, գոնէ՛ շահագործումին, դիւրաւ կ՚իյնան իրարու ճիտին, առանց ստուգելու գոնէ վաւերականութիւնը վերագրումին, ամբողջ ու մէկ կտոր փրթած Սերոբին ուղեղէն՝ ինչպէս Աթենա՜սը…։

Ան դիւանագիտական բարձրութեան հասցուց գեղին մէջ բարակ ու անվնաս քսութիւնը։ Մնայուն մէկը ունի դէմը, հետը լեզու բարտելու, յօնքով, ձեռքով, դէմքով լրացնելու կարեւորութիւնը, զոր կու տայ իր հաղորդումին, ամէնուն աչքին դէմ, ամէնէն գաղտնի, միշտ աս ու ան կախելով կամ կոյանոցը թաթխելով։ Սրճարանի մուկ՝ անիկա հոտ կ՚առնէ գեղին բոլոր պատահարներէն։ Անհուն է իր հաճոյքը՝ հարկահանները նեղը դնելու, եւ քերծէի մը պէս թաթը վրան կ՚արձակէ հաշիւներուն խարդախ կէտերուն։ Վայելչութեամբ, կորովով, փաստաբանի պէս աբուգաթ մօրը աբուգաթ տղան կը պաշտպանէ գեղին իրաւունքները տգէտ պաշտօնեաներու, ոստիկանի, յիսնապետի կտորներուն դէմ, ինչպէս կ՚ախորժի անուանել զանոնք, երբ նախապէս վարձելով հաճութիւնը թուրք երեւելիներուն, հարիւրապետին, գայմագամին, աւելի վերջը պիտի գիտնաք, թէ ի՞նչ գնով, քիթերնին կոտրելով ետ կը ճամբէ գեղէն։ Ազդեցիկ դրամը, դիրքը ե՛րբ չեն տուած այդ հովը մեզի պետական լեզուն գրող ու կարդացող, որչափ կը ներուի ընել ատիկա Միհրան Աբիկեանի «Կիւլտեսթէ» ներով, անիկա իր օրուան մեծ մասը կ՚անցընէ Մենծ-խայֆէն, աւանդական սրճարանը, ուր մուշտակաւոր հաճի աղաները, պատկառելի եւ ձիւնի պէս ալեւոր ծերունիները մուտք ունէին միայն քառորդ դար առաջ։ Բայց հիմա տարիքէն աւելի խելքը, դրամը, գործ տեսնելու ընդունակութիւնները կը միջամտեն ` բանալու համար դուռը այդ խորհրդարանին։ Մնաց որ, ժամանակներուն փափկութիւնը անպակաս կ՚ընէ ոստիկանները եւ անոնց թղթածրարները։ Սերոբէ էֆէնտին պատ ո ւակալ խմբագրողն է այս թղթակցութեան գեղին եւ կառավարութեան կեդրոնին միջեւ, երեք ժամ հեռու գեղ մը։ Կը խաղայ կիրքով թուղթ կամ նարտ, ա՛յնքան՝ որ մարդ կը զարմանայ փոքր այդ մարմինէն այս ճամբով ճարուած կրակին։ Կը հայհոյէ, լիրբ, տգեղ, թուրքի պէս, որոնց հետ իր շփումը ստացած է ա՛լ հրապարակային նկարագիր։ Սկիզբները անիկա հոգաբարձու ալ եղաւ։ Բայց քաշուեցաւ շուտ, վասնզի դպրոցը շատ հասարակաց է եւ ամէն տուն տղայ ունի հոն։ Հետեւա ՞ նքը։ Բայց պարզ։ Փորձանք ու փորձանք։ Վարժապետը, հիմա վարժապետները, քաշելիք ունին պզտիկներէն աւելի անոնց հայրերէն։ Շաբաթ չ՚անցնիր, որ իր տղուն կողմէ եղած բողոքի մը վրայ, հայր մը, ատրճանակը մէջքին, չներկայանայ դպրոց, չպահանջէ այս ու այն տիրացուն վարժապետը միշտ տիրացու է գեղին մէջ ու չսպառնայ կոտրտել գլխուն «թասը», ատրճանակի կոթովը, գնդակը անարժան համարելով անոր դդում գլուխին։ Հոգաբարձո՞ւն։ Նալպանտենց Սերոբը հոգին անապատը չէ գտած 1 ։ Ու երկու անգամ նեղի դրուելէ յետոյ, երդում է ըրած չխառն ո ւելու տէյպատան (դպրատուն) գործերուն։ Փնտռուած, շոյուած, վախցուած, նախատուած, բայց դէմք է անիկա։ Ահաւոր՝ անոր կարծրասրտութիւնը դրամի հանդէպ։ Ոչ ոք կը մօտենայ այդ երիտասարդին սրտի չորութեան, նոյնիսկ կծծութեան մէջ ալ կրացած համբաւով, միսի տեղ իրենց տրեխը կրծողները։ Անոնք կ՚ընեն ատիկա, ինչպէս նկարագրի բխում մը։ Նալպանտենց տղան իր տունին համար ափերով ոսկի կը ծախսէ։ Օր կ՚ըլլայ, որ սրճարան մը մարդ կը մեծարուի իր սուրճով, Բայց տոկոսի սակին վրայ անիկա նմանը չունի։ Իր մուրհակները գլուխգործոցներ են կործանարար յանձնառութեանց, որոնք կը կորզէ նեղը մնացած թշուառական արարածներէ։ Իր վաշխը, արդի, հետեւաբար միօրինակ, կարծր է պողպատին նման։ Իր դրամները շրջաբերութեան կ՚ելլեն գեղին ամէնէն նեղ ամիսներուն, ա պրիլին ու մ այիսին, ու անպայման կը վերադառնան Նալպանտենց նկուղները, օրինաւորապէս կատարելէ յետոյ իրենց կողոպուտի պաշտօնը։ Ոչ մէկ փոխառու մտքէն կ՚անցընէ ձգձգել անկէ առնուածը։ Պատիժ, կարիճ, օ՛ձ է անիկա տկարին ճիտին։ Անշուշտ չեն վախնար անոր մատ մը հասակէն, ինչպէս մինչեւ կոճերը հասնող շալվարէն։ Բայց… ու այս «բայցը» հասկնալի պիտի ըլլայ աւելի ուշ։ Այսպէս իր սարսափը, հետզհետէ աճող հիւանդութիւնները, որոնց ընթացքին գեղացին կը ծախէ իր հողերը եւ այնպէս կը մեռնի, տուրքերուն կրկնապատկուիլը նպաստեցին ու կարճ տարիներու մէջ ան կրկնապատկեց, պարզ իր տոկոսովը, չոր իր դրամը։ Դրամին ջիղը, ինչպէս ուրիշները տառապեցնելու իր մոլութիւնը՝ կը շինեն այս մարդուն հոգեկան յատակը։

Ուրիշ մարզի մէջ, անիկա անզգայ է՝ շեմի քարին պէս։ Ոչ ոքի սիրտ կը բանայ, ինչպէս ոչ ոքէ կ՚ախորժի լսել սրտի խօսքեր։ Կարգուելէն քանի մը տարի ետքը, երբ անոր անկողինը նկարագիր հագաւ գեղին աչքին ու մեղքցողներու բանակ մը սկսաւ դարպասն ընել անոր դրամին ու կնիկին, ան մէկ հար ո ւածով կտրեց-նետեց այդ շարժումը ` զրահուելով իր դառնութեանը ետին, շինելով անհոգ դէմք, յուսալից կերպարանք։ Ատոր համար է, որ ամէն տարի, ծաղիկներու ամսուն, իր դրամները ապահով զետեղելէ յետոյ, կ՚անցնի Պրուսայի ջերմուկները, իր խոստովանութեամբը՝ ոտքի ցաւ մը դարմանելու ծծմբոտ տաք ջուրին մէջ, սուտ մը՝ զոր յերիւրած է մէկ կտոր եւ ի հաշիւ որու, քանի մը օր ալ գաւազանով կը պտըտի գեղին մէջ։ Ոչ ոք, բացի կնոջմէն եւ մօրմէն, տեղեակ է անոր այս հնարքին։

Ջերմուկներէն դարձին, առնութիւնը, անոր մէջ, կարծես ինքզինքը ձմեռէն ազատող ծիլին նման կը շարժտկի, ստուերի պէս բան մը կը հոսի անոր ողնէն ու կը հաւաքուի դէպի կեդրոնը, ինչպէս հեռաւոր խորշերէն մշուշի մը թեւը կը հաւաքէ ինքզինքը դաշտերուն ծալքերէն։

Այդ շաբթու անիկա կը խածնէ իր կինը աւելի մեղմ, արուի ակռաներով։ Ու հեշտանքի ծուէն մը, պաղ ու քիչ, կը բաբախէ անոր զիստերուն անկիւնին մէջ։ Բայց դառն է այդ վաղանցուկ պատրանքը։ Քրտինքն ու բարկութիւնը կը խղդեն այդ ուրուացումը։ Երկրորդ շաբթուն՝ արդէն կը սմքի ամէն գալիք եւ մարմինը կը դառնայ իր անզգած խաղաղութեան։ Ամուսնութեան երկրորդ տարին անիկա գնաց թագաւորանիստ քաղաքը, բժիշկներու թագաւորին։ Բժիշկը զայն գտաւ երիտասարդ, յոյս դրաւ ապագային վրայ եւ ետ ղրկեց զինքը ` Ջերմուկներուն յանձնելով պաշտօնը, անոր առնութեան սառոյցները լուծելու։ Ու հետզհետէ անոր մէջ ամրացաւ այն շէնքը, որ յամառած էր տեւելու անոր բազմամեայ պատանութեան մէջ։ Ըսի, թէ քիչցան մազերը։ Քիթին տակ գրեթէ չբուսան անոնք ու մեղմացաւ, շատ քիչ՝ ձայնին արծաթ մանկութիւնը։ Իր խօսիլը հաճոյք մըն էր, տղայութեանը։ Երիտասարդ՝ անիկա գտաւ նոյն այդ համը, բայց որձեւէգ կնիքէն ազատ շեշտումով։ Այս նուազումին հետ աճումը երբ կը կասի՝ արժանի է այդ վերագրումին բացուեցան, ինչպէս գիտէք, անոր իմացական դուռները։ Կը ճանչնաք զինքը հանրային մարզին վրայ։ Ու ահա աւելի գիծեր։ Խառնակիչ, աւելի բամբասող, քան ամէնէն վաւերական կնիկը՝ անիկա ձայն ունեցաւ էրիկ - կնկան վէճերուն մէջ, խոր, հասկցող, դատող։ Որ մէկ նայուածքով կը թափանցէր թնճուկին ալքը եւ մատ կը նետէր հիմնական լարին, գիտուններուն բառովը՝ զսպանակին։ Գերդաստանէ գերդաստան խոշոր կռիւներու մէջ՝ ան խօսեցաւ երկու կողմերուն, առտուն՝ պաշտպանելով առաջինը, իրիկունը՝ խրատելով երկրորդը։ Կը վախնար արիւնէն։ Բայց խուլ համ մը կը տարածուէր իր ջիղերուն վրայ, երբ կորովի երիտասարդներ իյնային իրար կոտրտելով, կնիկներու ճամբաներէն։ Բոլոր անոնք, որ գործածեր էին զինքը, շատոնց կարգուած ու ընկճուած տան ու տղու հոգերէն, զարմանքով կը հետեւէին անոր ամբարձումին։ Անոր հարստութեան խօլարձակ աճումը, անունին պսակ ո ւիլը, իւղոտ ու ողորկ մարմինը, ուր փորը կը սկսէր կշիռ ունենալ, պատճառներ էին, որ խեղճ այդ տղաքը հայհոյէին աշխարհին ու դրամին։ Անոնք անխնայ հարուածուեցան, բոլորն ալ անուղղակի, անծանօթ թաթերով, ամէն անգամ, որ հին իրաւունքի մը իբր վերյիշեցումը մօտեցան անոր ու իրենց մէկ գործին համար անոր միջամտութիւնը խնդրեցին։ Հիմա վարժուեցաւ կռիւ ալ ընելու, անշուշտ իր վարկին համար ու իր դրամին համար, սրճարանին մէջ, կամ փեսաներէն մէկուն տունին մօտ ուր կը սպասէր կռիւէն առաջ , վստահ ըլլալով, որ զինքը պաշտպանողներ պակաս չէին իր շուրջը։ Անիկա կ՚ատէր իր մեծ հօրը, հօրը, մեծ մօրն ու մօրը ատելութեամբ բաղադրեալ տոկոսով՝ իր հօրենական գիծէ ազգականները, որոնք ա՛լ իջած էին անկշիռ դիրքերու։ Բայց իր տունը բաց կը պահէր փեսաներուն, փեսացուներուն, մօրը գիծէն բոլոր ազգականներուն, որոնք կշիռ ունէին կռիւներու ընթացքին (այնքան անհրաժե՜շտ, երբ հարուստները իրենց ազդեցութեան ամրացումն ու սահմանները կը կազմակերպեն ` երեւնալով, սպառնալով, ծեծելով, կոտրելով ու թափելով), եւ հաւատարիմ են աւելի, ներկայանալու համար կանչուած կէտին ու կը նետուին գուպարին մէջ գլխիկոր ու յիմար, մինչդեռ հօր կողմէն ազգականները դանդաղաշարժ են, եւ արիւնի հարցերուն միայն երեւան կ՚ելլեն։

Անիկա ` վաւերական ներքինի մը, ներքինիէ մը աւելի խիստ ու անողոք հսկողութեան մը ենթարկեց իր կինը։ Անոր մայրը ընդառա ջ գնաց անոր այդ հակումներուն։ Ամէնէն առաջ, անոնք երկար խորհրդածութիւններով չափեցին ու ձեւեցին տան ծառային դիրքը։ Երկուքին համար այդ օտարն էր վտանգի դուռը։ Ինչո՞ւ։ Գործադրեց, պաշտպանեց, հրապարակով բոլոր պէտք ունեցողներուն յանձնարարեց վեցամսեայ ծառայութիւնը։ Կը շահէր ձմեռը, ուր այնքան քիչ է աշխատանքը։ Կը շահէր մա՛նաւանդ տունին հանդարտութիւնը, նամուսը, վասնզի հետզհետէ լսելի կը դառնային տան հարսներուն եւ ծառաներուն միջեւ ամօթալի կապեր, արդիւնք՝ բարքերու թուլութեան, թուրք գեղերու կրակոտ տիկիններուն մշակած ձեւին։ Բացառաբար, շունչը քիչ տուներու համար, ուր սենեակները շատ են եւ բաժանումները ընդարձակ, կեսուրին աչքը չի հասնիր ամէն անկիւն եւ սխալ բան է վառօդին քով լուցկի դնելը։ Ան կարեւորութիւն տուաւ տարիքին։ Իր փորձառութի՞ւնն էր, որ կը խօսէր իր մէջ։ Անողոք եղաւ ան առջի տարիներուն ու տասնհինգէն յետոյ չվստահեցաւ պատանիներուն ու անխնայ փոխեց զանոնք։ Ըսին, թէ մօրը խրատով կը քալէր։ Կը քալէր անիկա իր մարմինին խրատովը։ Չարտօնեց, որ իր կինը, որեւէ պատրուակով, պառկի մէրանցը։

Բայց ինչ որ այս պատմութեան ամէնէն եղերական ու անպատմելի մասը կը մնայ, ան ալ անոնց էրիկ-կնկան սենեակն է։ Անոր ծոցը մտաւ նոր հարսը պաշտօնական գիշերին ու մտածին պէս, այսինքն՝ աղջիկ, դուրս ելաւ անկէ։ Հարսանեկան անկողինին անաղարտ սաւանը քիչ մնաց պատճառ դառնար հսկայ գայթակղութեան մը։ Հաճի Աննան կատղած, կապուտցած, գազանի մը ճիրաններով, առտուն կանուխ նետուեցաւ հարսին վրայ ` զայն շիտակ փողոց նետելու համար։ (Անոր տղան արգիլած էր մօրը ծոցի գիշերներուն հսկումը եւ պաշտօնական վկաները)։ Բայց Սերոբէին միջամտութիւնը հասաւ ճիշդ ատենին ու ապշեցուց հաճի Աննան, որ, խաբելու համար գեղին պայմանադրական հետաքրքրութիւնը եւ սպասումը, պատգամաւոր ղրկեց իր աղջիկներէն մէկը՝ խնամի Բաբէթին։ Գլուխ գլխի տուին երկու մայրերը։ Ու անոնք ժամուն Մեծ Աւետարանին վրայ երդում ըրին ձիգ բռնելու իրենց բերանը։ Այս կարգի «կապուիլ»ներ պատահական էին ու Աստուծով, մէկ-երկու օրէն, շատ-շատ շաբաթէն, կը կարգադրուէր ամէն բան։ Հարուստ ու խելացի Սերոբէն գլուխը պիտի զարնէր իր կարգին պէտք եղած դուռներուն ու բժիշկներուն։ Հաճի Աննան ու Սարեկ խնամին աշխարհքը ոտքի տակ պիտի առնէին, մինչեւ որ քակէին ատ խշխշուկ պուկին։

Ու սկսաւ անոնց էրիկ-կնկան անկողինը սառած ու անմխիթար։ Լեզուանի, խելացի, հաճելի ու անկողինին համերէն սանկ ու նանկ անցա ծ Սերոբէն, որ գեղ մը տղայ պտըտցուց իր ետեւէն եւ գեղ մը մարդ կը կախէր հիմա իր շրթներէն, որ տունին մէջ, հիւրանոցին մէջ, ուրիշներու ներկայութեան շաքար կը վազցընէր բերանէն, ամբողջ գգուանք, փափկութիւն, կանացիութիւն, կը վերածուէր մորթուած եզի, երբ երկննար կնկանը կուշտին։ Առաջին ճիգերէն ետքը, որոնք իր առնութենէն աւելի հոգին կը սպառէին, յոգնութիւնը կը տարածուէր, պաղ հեղուկի մը իրական շրթներովը, անոր մարմինին շատ մը կէտերուն։ Կը սառէին մէկէն անոր մատները ու իր կնկանը միսերուն վրայ կը դողային ցրտահար յուզումով։ Կը վախնար անիկա իր շունչէն, որ բերնէն կ՚ելլէր պաղ, կը զարնուէր կնոջը կուրծքին ու տաքնալ չկրնալով այդ հնոցէն իսկ, դարձեալ պաղ կը վերադառնար երեսին։ Ու խելօք, գառնուկէ մը աւելի անլեզու Աղուորը, աղքատիկ իր համեստութեան մէջ, ուշաթափ ինքնիրմէն, կը յանձնէր իր մարմինը անոր մատներուն, որոնք սառոյցի պէս կը կսմթէին, բայց աւելի՝ ակռաներուն, որոնք գամի պէս կը կսկծեցնէին իր միսերը, կ՚արիւնէին, ու այդքան։

Առաջին շաբաթէն յետոյ, ողբերգութիւնը ելաւ իր ծփուն ու պատահական գիծերէն ` վերածուելու համար ամբողջական ու անայլայլ արարողութեան մը։ Անոնք, սրբազան պատրանքով մը իրարու կը մտնային։ Ջերմիկ ու գուրգուրոտ բան մը, ծարաւ ճառագայթի մը նման հեղանուտ ու շօշափելի, կը փաթթէր զանոնք։ Աղուորին մարմինն էր վառարանը այդ զեղումին։ Վայրկեանի մը կէ՜սը նոյնիսկ։ Անմիջապէս յետոյ՝ անվրէպ մսուքը, որ կը զարգանար Սերոբին ողնուղեղէն ու կը տարածուէր եւ որուն ծաւալումին անկարող էր հակազդելու նոր հարսին կրակուած մարմինը։ Փու շ -փու շ, ու նեարդ առ նեարդ, այդ սարսուռը կը փշտէր անոր առատ միսերուն խորերէն ու բիւրաւոր գնդասեղի գլուխները կը գամէր անոնց ճերմակ պաստառին վրայ։ Կը նայէր անիկա այս բխումին ու կը խորտակուէր։ Չելած իր մարմինը աւելի կը սմքէր ու կը ջնջուէր ագռմէջէն այն քիչ մը բանն ալ, որով հպարտացած էր ատենին իր հայրը։ Անոնք կը տխրէին չարաչար ` խորհելով հեռաւոր յուռութքներու եւ կարելի նոր պուկիներու։ Յետոյ կու գար, գարշահոտ ու լպրծուն, իւղոտ՝ քրտինքը, պաղ ան ալ, բայց աղի չափազանց, որ կը կսկծեցնէր անոնց միսերը, աղջուրի վրայ բռնուած վէրքի մը նման եւ կը վանէր իրարմէ։ Տղան՝ կոտրած, կործանուած, նեղսիրտ, մռայլ ու դաժան։ Աղուորը՝ տրտմօրէն քաղցր, ամօթխած, բայց յուսաւէտ ու յուսադրիչ։ Անիկա կեսուրէն ու մօրմէն սորված բառերը, բանաձեւերը անուշ ու մեղմ շեշտով կը կարդար անոր։ Իր նպատակն էր ամոքել ամօթախառն կործանումին այս քանդիչ յուսաբեկումը։ Ինք կը տաքնար ու կը տաքցնէր անկողինը լաւ օրերու պատկերով ` ինքն իսկ հաւատալով այդ գալիքին։ Ու այդ երազին ջերմութեան տակ իր բերանը կ՚ըլլար խենթեցնող բան մը, ամբողջութեամբ սեռ ու հեշտանք ` շոգեւոր մեղրի մը պէս ծաւալուն ու ծանր բան մը տալով դէմքին բխումին։ Իր երեսները կը դադրէին իրենց տառապանքէն ու այրուցքէն։ Չէ՞ որ կային բժիշկներ, որոնք շատ տղաք էին ազատած։ Ու մոռնալով ինքզինքը, ժամանակը՝ անիկա էրկանը կողմէ պատմուած դէպքերը իբր նոր ու դուրսէն իրողութիւններ կը կրկնէր, անոր կը դարձնէր ու կը սպասէր։ Անմիջապէս յետոյ կ՚աւելնար պատմութիւնը յապաղած յղութիւններուն, ուր անշուշտ դեր ունեցած ըլլալու էր Սերոբին դժբախտութեան հետ հանգիտութեան պարագայ մը։ Խելօք, անուշիկ այս խօսակցութիւնը կը տեւէր ժամերով, մինչեւ որ հանդարտէին էրկանը գրգռութիւնները ու քունը գար վարագոյրը քաշելու այս տրամին։ Փոքր լոյսը կը կենար իր ծփանքէն ու հայլիին վրայ կը ծաղկէր մտամփոփ ու խորունկ։ Այն ատեն է, որ Աղուորը կը դառնար իր անձին, հիմա անշարժ, կծկուած, փրթելէ վախցող նուագարանի մը պէս։ Քնացող այդ մարդուն դժբախտութիւնը կը ջնջուէր, կ՚երթար, քունին իսկ պաշտպանութեամբը եւ փոխարէն կը յառնէր իրը ։ Տեսարան կու գային միամիտ, հզօր, ցօղով թաթխուած երազներու նման իր աղջիկի զգայարանքները։ Այս ամբոխո՜ւմը մեր մենութեան։ Երբ՝ եօթնեւտասնամեայ նրբին էակը կը վերածուէր իր նեարդներուն, առանձին-առանձին։ Ներքին շաղախը եսին կը լուծուէր ու կը դադրէր իր դերէն, զայն ընելով թոյլ փունջ մը զարմանազան ծաղիկներու, մետաքս թելով մը օղակուած, բայց անջատ։ Ցաւած ու ճմռկուած ծիծերուն վրայ մաղ-մաղ կրակը կը բուսնէր, խոնաւ ու դիմացկուն, որ կ՚աճէր ու կ՚աճէր, աղին ու թուքին, ատամներով լերդացած միսերուն համախառնուրդ բոյրին մէջ, կծու եւ ճենճերուն, դառն ու անհասկնալի, որ կը խռովէր իր բոլոր ջիղերը ու ինչպէս բաբախուն ջուխտ մը բոցի լեզուակ՝ կը հեւար կուրծքին զոյգ պտուկներէն, ամէնէն աւելի ցաւելով ան ո նց վիզն ի վեր, յետոյ կ՚անցնէր ` թափանցելու սիրտին։ Հոն, անոնք բարբառ էին, ա՛յն դժուար, ողբագին կանչը, որ ի զուր կը բախէ չբացուող սիրականին։ Բայց հետզհետէ տժգունող լռութեան մէջ, ահա ուրիշ զգայարանքներ, աւելի ճիշդը՝ զգայութիւններ, իր ձեռնուած, պէծ-պէծ հերկուած զիստերուն քովերէն, խածուած ու կարմրաւուն՝ ազդրերուն չորս բոլորէն մէկիկ-մէկիկ յառնող, որոնք իրարու աւելնալով, իրար լրացնելով՝ դաժան ու մխաշունչ խարոյկներու կիսակամար մը կ՚ընէին անոր երանքները, այնքան յստակ ու իրաւ, որ կը վախնար անոնց վրայէն մատ սահեցնելու։ Ցաւ, ցա՛ւ, ցա՜ւ էր միայն ամէն բան, որ հոնկէ կը մեկնէր կամ հոն կը թափէր։ Այդ գերզգայուն կեդրոններուն շուրջը, ուր մարդոց, մա՛նաւանդ տղոց ու աղջիկներուն երեւակայութիւնը այնքան տարբեր բաներ կը զետեղէ, Աղուորին գտածները կը հե ր քէին ինչ որ ըսուած էր իրեն։ Ու մեծ էր զարմանքը հոն չհաստատելուն այն հաճոյքը, համը՝ որուն վրայ այնքան շատ բան պատմած էին իրեն, այս տարի իսկ հարս ելլող իր տարեկիցները։ Կը փորձէր ինքզինքը փոխելու, փրկելու համար, փակել աչքերը, որոնք տակէն կը վառէին սակայն իր կոպերը, կարծես թէ աւազով ծեծուած ըլլային։ Բայց դէպի քունը ուրիշ զգայութիւններ։ Անկողինին ջերմութիւնը կը խարանէր անոր կռնակին ակօսը, որ կը ճշդուէր, յետոյ կը լեցուէր, կ՚ելլէր իր գ ի ծ ի կշիռէն ` ըլլալու համար ջուրի հաստկեկ թեւ մը, բայց որ տաք վազէր, մրկէր իր իսկ յատակը, կռնակին այդ յատկանշական ակօսը, ուրկէ մեր կեանքին ջուրը պուտ-պուտ կը ճարուի, աշխարհի բոլոր տարրերէն առնուած՝ անհասելի ճարտարապետութեան մը օրէնքներովը։ Այն ատեն, խուսափելու համար այդ գալարուն ու ջերմ օձի մարմինէն՝ անիկա կը դառնար իր կողերուն վրայ։ Ու կը տեսնէր, որ կը դառնային իրեն հետ իր ծիծերն ալ, հրաշքով մը կախ՝ իրենց շրջուած բաժակներով, անոր կուրծքին հովիտէն ու գամուած անոր՝ ինչպէս գմբէթը մանրանկարչական մատուռներու, որոնց իրանը սուզուած ըլլայ հողին ծոցը։

Ու իրեն այնպէս կու գար, անոնք իրմէ զատուած, ուրիշին պատկանող բաներ էին, իրենց առանձին կեանքովն ու պահանջներովը։ Մտիկ կ՚ընէր անոնց, ի՜նչ խիղճ, ի՜նչ ուշադիր, սորվելու, գիտնալու ի՜նչ պապակով։ Աղջի՞կ։ Կի՞ն։ Օտարներ էին անոնք հոն, թռչելու պատրաստ աղուընակներու նման։ Այս զգայութիւնները հետզհետէ կ՚իջնային իրենց թմբիրային հունին ու այն ատեն ինք կը վերածուէր իր ամբողջութեան։ Այդ պահուն՝ անոր ջղային կեդրոնները կը հանդարտէին շատ դանդաղ էջքով մը։ Կը մեղմանար այրուցքին ու ցաւին տագնապը։ Թուքին արտաբերումը կը նուազէր, կը հեռանար ու մարմինին բազմաղաղակ լեզուները մնջագին բան մը կ՚ըլլային։ Այն ատեն էր, որ զսպուած տեղերէ, երակներէն, ներսերէն, ու թերեւս իր իսկ լաթերէն կը սկսէր նոր, բայց զարկը ուրիշ տառապանքի մը։ Ան տեսարան կու գար քաղցր, անորակելի թուլութեամբ մը, բայց այնքան ընդարձակ, որ մազերն անգամ կը պլորուէին, ու կակուղ կ՚ըլլային, բացառիկ քնքշացմամբ մը իր այտերուն տակ։ Իր արիւնը կ՚առնէր այս թմբիրէն, ու հեղգանալ ու դողդղալ կը թուէր, բայց առանց ցաւի, առանց դառնութեան։ Ասոր կը հետեւէր մարմինին ցարդ խնայուած կարգ մը մասերուն վրայ տրոփիւն մը, մեղմ, հաստատ ու որոշ, բոլորովին տարբեր անկէ, որ կը հետեւէր էրկանը ծծումներուն։ Արիւնին զարկն ալ չէր ատիկա։ Այլ՝ աճումի, կեդրոնէն խուսափումի, նորէն հոն վերադարձի շատ քաղցր զգայութիւն մը ` նման շրթունքի մը, որ կու տայ ու կ՚առնէ։ Մարմինէն դուրս կաթ-կաթ հեղո՜ւմ, սիրոյ անծանօթ ակունքին բխումն ու փակումը, որոնք անզգալի են կիրքին՝ ինչպէս օտար մտազբաղմանց մէջ, բայց կան, երբ ականջ ունենանք։ Աչքերը կը շատնային ու կը հրէին անոր կոպերը, նոյնիսկ թարթիչներուն ցանցը, ելեկտրական հուրք մը անցընելով անոնց մեղմ բերաններուն։ Բացուելու, լայննալու, տարածուելու ամբողջական ու խուլ ու անգիտակից պահանջ մը, անդիմադրելի, կը թրթռար իր բոլոր մարմինէն ու այն ատեն, առանց իր ուզելուն իր զիստերը իրարմէ հեռացած կ՚ըլլային, ապշութեան մատնելով միամիտ աղջիկը, որ չէր հասկնար, թէ ինչպէ՛ս իր հաւաքուող էութենէն ասանկ մեկնումներ ձեւուէին անկողինի յատակին։ Կ՚ամչնար ու կը մէկտեղէր զիստերը։ Բայց այս ճնշումը կը նեղէր զինքը, այրուցքի փոխուելու աստիճան իր կեդրոնին մէջ։ Այս աւելնալու, շատնալու զգայութիւնները տակաւ կը հաստատէր անիկա իր ամբողջ միսերուն վրայ, որոնք կ՚ելլէին ու կ՚իջնէին ` քաշուած աներեւոյթ աքցանէ մը, յետոյ ձգուելով վերստին։ Ու այս ամէնը՝ սանկ փափկօրէն պարուրող, մարմինէն զատուիլ ուզող, բայց չզատուող թրթռականութեան մը մէջ, որ իր միսերէն, մասնաւորապէս անոնց կորաձեւ մասերէն կը բխէր, ինչպէս ջերմ մարմարէ զանգակէ մը ու կը հոսէր, յստակ հոսումով, բայց կը մնար ու կեդրոն կը դառնար, մանրադիր կրակէ լիճի մը նման խորացող ու ծանօթ, երբ միտքը յառէր ուշադիր՝ իր մարմնի որոշ մէկ կէտին։ Ու կը նմանէր այդ կեդրոնը վէրքի մը բերանին ` պահ-պահ հանդարտ, պահ-պահ կոտտացող։ Որքա՜ն շատ սիրտեր ունինք, երբ ընկղմած ենք յուզման մէջ։ Մե՜ղք, որ կ՚անգոսնենք, կը մոռնանք զանոնք, երբ կիրքին ճամբաներէն վերստին թափուինք մեր անասնութեան, որ խտացում մըն է թերեւս եւ սեռական գործողութեան հետեւող տխրութեան վաւերական բանալին կու տայ։ Անիկա կը զգար այդ վէրքերէն ներս խիստ այն այրուցքը, զոր ասեղ մը կը բանի մեր ներքին սնդուսին վրայ։ Այս ասղնտուքին կը յաջորդէր հզօր թօթուըւուք մը։ Ու լքո՜ւմ…։ Կարծես քիչ առաջ այն պիրկ միսերը շոգիէ անցնէին ու լխկէին։ Կիրքը կը քաշուէր ` տեղը տալով բաբախող շարժումի մը, որ անոր ոսկորներուն մէջ ձայն մը կ՚ըլլար, խուլ աղացմամբ մը, կրծելով անոնց կապերը։ Կը հալէր ցաւը, ցաւին հետ զուգորդ կսկծանքը, ու այս համատարած տեղատ ո ւութեան մէջ դժբախտ յամառութեամբ մը երեւան կ՚ելլէր անոր անձը, ա՛ն՝ զոր կը շինեն տարիքը, ընկերութիւնը, մանկութեան հեղումներ եւ դեռ հազարաւոր ուրիշ բաներ, երիտասարդ աղջիկի իր անձը, ծարա՜ւ՝ սրբազան հեղուկէն, ու անօ՜թի՝ սրբազան նշխարէն։ Անօթութեան այս զգայութիւնը այնքա՛ն իրական էր ու զօրաւոր էր, որ ստիպուեցաւ հացով կամ պտուղով խաբելու միսին այս լլկանքը։ Ու անոր մատները մնացին մաքուր՝ Մինչեւ քունէն տարուիլը, անիկա քիչ-քիչ կը բաժնուէր իր կամ ընկոյզ ու կը նետէր բերանը։ Քանի՛ կզակները կը շարժէին, ա՛յնքան իրմէն տարտամ բաներու դուրս սողոսկիլը կը զգար։ Մինչեւ քունէն տարուիլը, անիկա քիչ-քիչ կը բաժնուէր իր մարմինէն՝ ինչպէս աւերակէ մը, կրակէն կերուած իր ներքինովը ու դուրսէն կանգուն չորս պատերուն վրայ։ Ուրիշներու յիշատակը, կիներ ու նոր հարսներ, իրենց պատմումին ամբողջ սարսուռովը, պահ մը ետ կը մղէր բեկորները իր քայքայուն եսին ու կ՚ըլլար իր մտքին պա տ կերները, կարգով անուննին հագնելով, տեղաւորուելով հզօր ճիգով մը նիւթացուիլ փորձուած տեքոր ի մը խորը, տարածելով ինքզինքը մարդո ց յատակին ու տարուած անոնցմէ, մինչեւ որ իրական զգայութիւններ բզկտէին այդ խաբկանքները ու նետէին զինքը իր անկողինին ու անոր տանջարանին։ Տունին խեղճ իրողութիւնները կը մեծնային, գրաւելու աստիճան զինքը ամբողջովին։ Այնքան ճիշդ է, թէ անկողինը հրաշքի դաշտ մըն է յաճախ անոնց համար, որ կէս կամ քառորդ կ՚ապրին։ Անիկա նոյնն է հոգիին համար՝ ինչ որ է մութը աչքերուն համար։ Շրջագիծի եղծումը կը քակէ նաեւ պատկերին նեարդները եւ կը ցրուին, մութին ալիքներուն վրայ թեւաւոր ու հսկայ՝ բոլոր չնչին ծուէնները տեսիլքին։ Կատարելապէս պատշաճ է այս նմանութիւնը մեր հոգեկան մութին մէջ գործող զգայութիւններուն համար ալ։ Հերոսներ ենք յաճախ ու երջանիկ, երբ վերմակ մը մեզ կը պաշտպանէ, ինչպէս հերոսներ ու հրէշներ կը տեսնենք, երբ մութը կը փոխէ մեր աչքերուն դէմ իրականութեան դաշտը։ Այդ փոքր իրողութիւններէն մեծցուած ու զօրացուած՝ անոր տրտմութիւնը, բախտը, իր բառովը՝ «ճակտին գիրը» կը թեթեւնար, կը թօթափէր իր եղերականութեան սարուածը ։ Անոնց վրայէն կը սահէր դէպի մէրանցը տունը, աղբարներուն, հարսներուն, պզտիկներուն, այն ամէնուն, որոնք այնքան պատրաստ կը սպասեն խուժելու մեր գիտակցութեան գաւառները, երբ կամքը, գահազուրկ ու գերի արքայի մը նման շղթայի զարնենք ու յանձնուինք պարապին, այսինքն՝ մեր մանկութեան բոլոր պատկերներուն, տարօրինակ կերպով քաղցր ու անջնջելի։

Ու կ՚երթար իր միտքը օրուան կարծր ու անարժէք պատահարներէն մեր մէջ առաջացած կրացումին, զոր չենք տեսներ, երբ կ՚ապրինք։ Այս ակնոցէն՝ հասկնալի է եզական առատութիւնը ճգնողական կենցաղին ու յաճախուած քարայրներուն։ Այս էջքը կը գօտեպնդէր զինքը։ Կը շոյէր իր գիշերանոցին ազնուական փսփսուքը իր վրայ։ Ափին կռնակը կը սահէր թաւշապատ վերմակէն։ Աչքերը կը լարէր աղօտակի՝ մխիթարուելու սենեակին ծանր ու հարուստ շունչէն, զոր ոսկին ու մետաքսը կը ծորեն։ Դրամին ու հարստութեան շնորհները կու գային առաջին գիծի։ Ու տունը կարասիներուն գովուած ու նախանձելի գեղեցկութիւնը, ազգատոհմին հոյակապ անունը ու կեսուրներու նոյնքան շքեղ գիծը, որուն վերջին օղակը կ՚ամրանար իր մէջքին, ուտեստն ու կապուստը եւ բոլոր այն փոքր, բայց մարդկօրէն գիծ առած բաները, որոնք մատաղատի աղջնակ մը կ՚առնեն իր տարեկից կայտառ տղու մը բազուկներէն եւ կը յանձնեն զայն ութսունամեայ զառամութեան մը փտախտին, կ՚ընէին զինքը հաճ, գրեթէ երջանիկ։ Ու տակաւին առաջին ամիսը չէր լրացած անոնց անկողինին։

Ու քալեց անոնց կեանքը։

Ամիսները կապուեցան ամիսներուն, դիւրին կամ դժուար։ Ապրողները չապրած միայն գին կը կտրեն։ Նոր տունը, իր զբաղումներուն շատութեամբը՝ ըրաւ անոր ցերեկները լեցուն ու հաճելի։ Ու պուպրիկէ մը աւելի աղուոր՝ ան պտըտեցաւ ընդարձակ պարտէզին մէջ, համակ կարմիր բեհեզով կամ մեղրի գոյն զգեստներով։ Ու երեւոյթ էր անիկա փոքր ծառերու կուշտին, դուրսէն դրուած պատկերի մը նման։ Ու երեւոյթ էր անիկա հին ծառերու բունին, անոնց խոռոչներէն բխած աստուածուհիի մը նման։ Եղանակի համեմատ ան ապրեցաւ նոր-հարսնութեան բոլոր դասական յուզումները։ Անոր կեսուրը, փոխարինելու համար աննման հարսնուկին համակերպուն առաքինութիւնը, անոր կռնակին թափեց Նալպանտենց հաճի Արթինին օրերէն պահ դրուած եզական, թանկագին զգեստներ, հնօրեայ, ապրշում հիւսքով ծաղիկներ, որոնց բաժակները զմրուխտի մէջ փորուած ադամանդ աչքերու նման կը նայէին։ Ան ի՜նչ մոռցուած, հիմա անծանօթ կարմիր էր, որ իբր յատակ կը ծառայէր այս պարտէզին։ Ու մուշտա՜կ, բայց ով գիտէ Ասիայի ո՛ր կիրճերէն, որ անոր մարմինին մէջ թաքուն հոտեր եւ հեռաւոր, խուլ մրմունջներ կ՚եղանակէր ու անոր այտերուն քսուած ատենը անապատին ամբողջ կրակէ համբոյրը կը մաղէր վրան։ Բայց անոր կուրծքին կախեց շ արոցները, ծանր, իրարու փակած կիսաղեղով ոսկիներէ հիւսուած, ութ-տասը շարք, այնքա՛ն հաստ, որ անոր վիզը կը ցաւէր պարտէզէն (պարելու կալը) դարձին։ Ու համրուած տաղաւարներուն՝ անոր ժամ երթալը լռին սարսուռ մը կը մղէր չորս դին։ Պատանիները կու լային անոր պատկերին անհաս խռովքէն։ Երիտասարդները կը պաղէին ու չէին քալեր։ Ու գեղ իջնող ճամբաներուն վրայ ատանկ գ եղձային զգեստաւորումով՝ անիկա արեւին մէջ բռնկած ու չվառող հսկայ ծաղիկի կը նմանէր։ Բայց անոր խռովքը հզօր էր մա՛նաւանդ իր պարզ ընտանութեան մէջ։ Այդ մասին՝ աւելի ուշ։ Հնազանդ ու մաքուր՝ ան մտիկ ըրաւ կեսուրին ու մօրը, ոչ ոքի ոչ իսկ շիւղ մը բան զգալի ընելու իր ողբերգութենէն։ Ու աճեցաւ անոր մարմինը, մնալով նուրբ, դիւրաբեկ ու ազազուն բանը, որ աղջիկները կը յատկանշէ, ինչ տարիքի ալ ըլլան։ Ու անոր այտերուն վրայ յամառեցաւ հոգիին այն աղուամազը, որ պարմանները կը զատէ կիներուն աւարտած ու ա՛լ խորք չունեցող մոյնքէն ու կը տաղաւարէ անոնց շուրջն ու վրան, անտես ամպհովանիի մը նման։ Խորացան, գացին ու հատան կարծես ոսկորները եւ մէջտեղ դրին զայն ամբողջ միս ու փափկութիւն։ Ու հասակը տեղը, ու զարդը տեղը, ու գոյնէն զգլխիչ անոր դէմքը, այդպէս առնուած զարդին ու քողին կախարդութեանը մէջ, պտըտեցաւ գեղին փողոցներէն, անհասկնալի ու իրա՛ւ։ Խեղճ տղոց սիրտե՜րը։ Առաջին տարին անիկա անմատոյց մնաց դայեակներուն ու կախարդներուն։ Գարնան, տակաւին շերամները չբացուած, անիկա տեսաւ էրկանը, կեսրոջը եւ մօրը հետ այնքան գովուած, մեծ քաղաքը ` Պրուսան։

Հարսնիքէն մինչեւ քաղաքը, հաճի Աննան սպառած էր շրջանի կախարդներուն բոլոր յուռութքները։ Ան կը դիմէր քաղաք, Նալպանտենց անունին արժանաւոր իբր ժառանգ։

Ու Աղուորին էրիկը անցաւ ամօթախառն ու դժնդակ տեսարաններէ, որոնց ընթացքին անիկա ձգուեցաւ մանրախոյզ քննութեան տակ։ Նոյն գիծէն անոր նոր-հարսի մարմինը մերկացուեցաւ չորս-հինգ այրերու աչքին առաջ, ենթարկուելու համար նոյն յիմար ու մանրամա ղ զննութեան։ Փոխուեցան բժիշկները, բայց հարցարանը եւ արարողութեան գլխաւոր դրուագները մնացին նոյնը։ Հաճի Աննան, իր կարճ խելքովը, դաւադրութիւն մը ենթադրեց ու իջաւ նաւահանգիստ, շատ անուանի ուրիշ բժիշկի մը։ Զարմանալի կերպով կրկնուեցաւ ամէն ինչ կանոնով ու ճամբով։ Այս ամէնուն կը հետեւէր չարաշուք իրողութիւնը, դառնօրէն ստոյգ ու անսրբագրելի։ Նալպանտենց Սերոբը դատապարտուած մըն էր։ Այն ատեն կրկին ինկան քաղաքի բժշկապետին, որ կը վարէր պետական հիւանդանոցը եւ հայ մըն էր, թրքական այդ քաղաքին մէջ բացառաբար հայերէն խօսող։ Անիկա ամբողջ կէս օր մը չարչարեց, բու ր դ գզելու պէս գզեց անոր ագռմէջին բոլոր միսերը, ու անոր հոգին՝ իր բոլորովին աւելորդ, յիմար հարցումներովը։ Ասոնք կը շօշափէին Նալպանտենց գերդաստանին բոլոր ծնունդները, մեռնող մանկատի տղաքը, մահուան ձեւը, մեծերուն մահը առաջ բերող հիւանդութիւնները. կարճ խօսքով՝ գերդաստանին ամբողջ ժառանգութիւնները այս անգամ ոչ արտերէն ու կալուածներէն, այլ՝ արիւնին ճամբաներէն։ Անիկա ծանրացաւ Նալպանտ Կարապետին հիւանդութեանը վրայ, վերաշինեց տարօրինակ կերպով իրաւ պատկեր մը հաճի Աննային դիմաց, որ զարհուրանքով կը նայէր այս խելքէ դուրս կախարդութեան։ Տուաւ անոր ուզած բոլոր պատասխանները՝ «այո»ին՝ այո, եւ «ոչ»ին՝ ոչ։ Երկու-երեք ժամ տեւող այս հարցաքննութենէն վերջ, միսերու, ոսկորներու, սնամէջ երակներու մէջ խաղցուած գամերէն ու ասեղներուն խաղէն ետքը, բժշկապետը փռեց Աղուորին ալ մարմինը ու չափեց անոր ալ արգանդը ու զննեց հայլիով եւ մատով։ Յետոյ, լուալով ձեռքերը, քաղցր ու տրտում, դառնալով Նալպանտենց Սերոբին, աւելցուց.

-Տղաս, ինչո՞ւ կարգուեցար։

Այսքան անակնկալ այս հարցումին նոյնքան պատրաստ պատասխանը եղաւ, կարծես տարիներէ ի վեր ձեւուած ու չափուած՝

-Ես ի՛նչ գիտնամ, տոքթոր։

Զուարթ էր անիկա, բժիշկին բերնով հաստատուած զգալուն այն մեղադրանքը, զոր երբեմն կ՚ընէր անիկա ինքն իրեն, երբ շատ տառապած կնկանը ծոցը, կը լուսցնէր գիշերը եւ հիւանդի պէս տկար կ՚ըլլար մարմինէն։ Ու անիկա յանդիմանող հայեացքով նայեցաւ մօրը, որ քայքայուած ու քրտնաթոր, բերանը բաց կը զննէր բժիշկը ու չէր կրնար հասկնալ, հաւատալ այդքան դժնդակ վճիռ մը։

-Ատ ի՛նչ խօսք է, տոքթոր։

Ձայն չէր պառաւէն ելածը։

-Ո՞ւր է տեսնուեր անպսակ երիտասարդ։

Ուժ կ՚առնէր իր բառերէն, թէեւ տակաւին գտած չէր ինքզինքը ու կը դողդղար ամբողջ յետոյքովը, որ կը վախցնէր զինքը այս սասանումովը։

-Դուն գիտե՞ս ով ենք մենք…

-…

-Դուն չե՞ս լսած Նալպանտենց հաճի Արթինը…

Ու չկրցաւ շարունակել, հակառակ պուկէն հրուելուն։ Առաջին անգամ չէր, որ անիկա Նալպանտենց փառքը այդպէս կը պատգամէր փղշտացիներուն։ Իր հարստութիւնը մշուշի մը պէս պարուրեց զինքը։ Հին կեսուրներու հրամայական շարժումով՝ անիկա նետեց ձեռքը առաջ, զարկաւ տղուն ուսին ու հրեց դուրս։ Տղան հետեւեցաւ անմռունչ, ընդհակառակն, բոլորովին գոհ, մօրը հեղինակութեան մէջ ինքզինքը ապահով զգալուն։ Ուրիշ ամէն կէտերու վրայ այնքան յախուռն ու ինքնավստահ, եօթը ս ա տանայի գլխուն եօթանասուն գդակ հիւսելու ընդունակ այս երիտասարդը տասնամեայ աղջկան մը պէս խեղճ էր սեռային գետինին վրայ ու մօրը խանձարուրքը կը փնտռէր կարծես։ Հաճի Աննան վճարեց, մտքովը հաստ ու աղտոտ հայհոյեց՝ պապերուն բերնէն մինչեւ կատոցը (կնիկներուն) պինչերը, յայտնի անիծեց ու, աշխարհին կատարածը սպասողի մը անձուկովը դուրս ելաւ հիւանդանոցէն, մէկ շունչով երթալ յանձնուելու համար բազմաբղէտ ու բազմացեղ դայեակներուն, կախարդներուն, հոճաներուն եւ տեսանողներուն, որոնք հաւ փետտածի պէս ծեծքեցին իր տղան ու հարսը, հարիւրներով թուղթ գրեցին ու թխմեցին անոնց ծոցը եւ յուսադրած, երջանիկ ու ամսուան մը մէջ լոյս տեսնելիք զաւկի մը աւետիսովը դարձուցին գեղ։ Ամիսը եղաւ երեք։ Ու զաւակը չերեւցաւ։ Հաճի Աննան խաբելու համար արտաքին աշխարհը, պատահմունքին ամբողջ կշիռը բեռցուց մէկ կողմին ու դրաւ հարսը հրապարակ։ Տուն եկան, Աղուորին ձեռնելու համար գեղին բոլոր անուանի դայեակները ու իրենց իրաւունքը՝ էմէկ ը, առատ-առատ ստանալէ յետոյ, բարձրաձայն պատմեցին իրենց գիտցածն ու տեսածը, ինչպէս սորվեր էին մուշտակազգեստ հաճի Աննայէն։ Հարսին արգանդը պաղ էր քիչ մը։ Բայց տարիքը ինչ էր որ։ Երբեմն ուշ կը հասնին աղջիկները։ Օրինա՞կ։ Որքա՛ն որ կ՚ուզէք։ Տարիները պիտի չուշանային զայն տաքցնելու։ Որո՞ւ միտքէն ելած է Խարատայենց հաճի Սարըին Մանոյշը։ Տասուիրեք տարի կապ եղաւ սքանչելի կնիկին արգանդը ու յետոյ քակուեցաւ կապը Աստուծոյ հրամանով։ Այս պատմութեան մէջ կար զեղչուած բաժին մը, որ կը վերաբերէր տան ծառային։ Բայց ո՛վ կրցեր է կապել մարդերուն լեզուն։ Ու յետոյ ուրիշներ, միշտ Աստուծոյ հրամանովը ծոցուորեր էին, երբ չէին սպաս ե ր։ Այսպէս խօսեցան աջ ու ձախ։ Նորէն եկան, նորէն գացին։ Ու բան մը ըրած, ըլլալու համար՝ դրին քարեր անոր արգանդին, տաքցուած, խորհրդաւոր օծումներով հոտաւէտ։ Տէրն ողորմած էր դաշտի շ ուշանին իսկ։ Ո՞ւր մնաց թոռնորդիին անո՛ր, որ գեղին ժամը տնկած էր իր փառաբանութեանը համար։

Ու կազմակերպուեցաւ կեանքը Նալպանտենց տունին մէջ։

Ամուսինը, ամէն տարի քաղքէն դարձին՝ անոր կը բերէր նոր շ արոց մը ոսկի։ Աւելի՝ փոքր մանեակներ, քաղաքի կնիկներուն յարմար ու շատ թանկարժէք, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚արժէր հինգ շ արոցը մէկէն։ Անիկա, Աղուորը, խանդավառ չէր այդ զաղփաղփուն բաներով, որոնք բացուելու, աստղաձեւ փայլելու համար կարօտ են մսէ յատակի։ Մինչ ոսկին՝ խաթարը, կը նուաճէ կուրծքին պատա տ ը։ Մօրը մուշտակին կերպասէն ձեռք մը նոր զգեստ, քիչիկ մը հակած դէպի քաղաքին երանգը ու կալուածքին մէջ ալ՝ քիչ մը թեւ ու թռիչք, որով կերպասը կը թեթեւնայ քաղքուհիներու կռնակին։ Իրողութիւն էր, որ բարքերը նոր փուլի մէջ կը մտնէին։ Առաջ ծանրութիւնն էր, որ կշիռ ունէր կիներուն զգեստէն։ Ու խոշոր, պոռացող գոյներ։ Հիմա մէկ-երկու կնիկ, հարուստի ու Պոլիս ըրած, բարակցուցած ու խստացուցած էին մետաքսը։ Մեծահարուստներու հարսներուն նման հագուելէն զատ՝ անիկա երբեմն կ՚երեւար անոնց կիներուն կէս ճաշակովն ալ, որ կը վայլէր անոր անձին։ Անիկա զերծ էր դաշտի աշխատանքներուն բոլորէն։ Զեր ծ էր ուրիշ հարսներու ժամանակը առնող թեթեւ բաներէն, որոնք բազմանդամ տունի մը մէջ անխուսափելի կ՚ըլլան։ Զաւկի հոգ չունենալուն, տունին գործերէն մէկ թեթեւ մասին աւարտումէն յետոյ, աւելէն ու կարկտուքէն բաժնուած-չբաժնուած՝ անիկա կը քաշուէր սենեակը, փողոց նայող պատուհանին դէմ ու կը տարուէր անվերջ հիւսելու։ Անոր կեսուրը չէր կոտրեր անոր այս առանձնացումները ` գիտնալով այդ պահուն փողոցը բոլորովին պարապ երիտասարդներէ, որոնք իրիկունէ իրիկուն կ՚երեւան սալարկին վրայ։ Շատոնց մոռցած իր աղջիկնութիւնը՝ անիկա չէր կրնար խորհիլ այն խորունկ ու տխուր բաներուն, որոնք երկարող աղջիկնութիւնները կը պարուրեն անտես վշտին մէջ ու կը թոռմեցնեն անոնց հոգին։ Ինք հարս եղած էր, տակաւին արթննալու ատեն չունեցած։ Իր անկողինը զինքը նեղած չէր։ Ու կը թողուր, որ հիւսէ Աղուորը։ Ու կը հիւսէր անիկա գուլպայ։ Ու կը հիւսէր անիկա մարդերուն միսը, անծանօթը, մռայլ ու հրէշ ձգողութիւնը, որ մարդերը կը զարնէ կիներուն։ Ու ոչինչ գիտէր անիկա։ Ինքզինքը կը հասունցընէր անյայտ գալիքի մը։ Ու կ՚ուտէր իր միսերը, անդադար կճուելով, կսմթուելով, խոշտանգուելով մատներէ ու ասեղներէ, որոնք կային ու չկային։ Յետոյ կը փախչէր պատուհանէն, վասնզի իր անկողինին մղձաւանջը ծայր կու տար, ու անիկա ուժը չունի զայն երկու անգամ հանդուրժելու։ Ու կեա՜նքը։ Բայց պէտք է կարճ ըլլալ։ Միօրինակ այդ կենցաղը փոփոխութեան կ՚ենթարկուէր տաղաւարներուն։ Ծնունդի ն, Խթման իրիկունը, ամէն հարսի պէս, ան պարտաւոր է զուսպ ու աղուոր հագուած, երթալ եկեղեցի, գիրք կարդացող տղոց վրայ գորովել, հաղորդ ու իլ ու խոնարհ ու երկիւղած կեսուրին հետ դառնալ տուն։ Չէր լար անիկա, հակառակ ներսէն մղուելուն։ Յաջորդ առտու ` տաղաւարին առաջին օրը, զայն կը տեսնէին «ոսկիներու մէջ թաթխուած»՝ կեսուրին հետ ժամը։ Նալպանտենց Աղուորը գերազանց մնաց այդ առտուներուն։ Անիկա կը նմանէր չ եղած բանի մը, երբ ճեղքէր մեծ փողոցը։ Ու երբ վերէն ձիւն կամ անձրեւ չիյնար, անիկա արտօնուած էր բարձրանալ Կալերը։ Մանո՜ւկ մը գրեթէ անոր հոգին, որ կը տառապէր դեռ չսկսուած վայելքին վախճանէն։ Բեռնաւորուած իր շ արոցներով՝ ան կը բարձրանար զառիվերը ու կը հասնէր Պարտէզը ու կը պարէր մետաքսի, բեհեզի փափուկ հովի մը մէջ, որոնք անոր շարժումներուն կը հետեւէին գունաւոր բոցերու նման ` վառելով անոր կռնակէն դուր ս, կուրծքն ի վեր, խարտեաշ, նուաղուն, թեթեւ ու թեւով։ Այն ատեն՝ անիկա կը թեթեւնար ու, ամիսներով, անարեւ իր աղջիկնութիւնը, ամէն օր բզկտուելուն հակառակ՝ անարատ մնացած կուսութեան անոր ոստայնը կը ճառագայթէին իրմէն դուրս, մատնող, մատչելի յստակութեամբ մը։ Ինք կը զգար ատիկա ու կը վախնար գաղտնիքին հաշուոյն։ Առջի տարին հարսները զարմանքով դիտեցին անոր պարը աղջիկներուն մէջ ու ոչինչ գիտէին, ինչպէս պարողը ինքը։ Կը խօսէր իր ընկերուհիներուն հետ, բայց տարտամ բնականութեամբ մը, թախիծի ուրուաստուերով մը, որ կը վայլէր անոր ու չէր ալ վիրաւորեր շրջապատը։ Պարզ, քաղցր Աղուորն էր անիկա աղքատիկ թաղին ու կը խպնէր անոր աղջիկներէն իր իսկ վայելչութեանը հաշուոյն։ Հարստութիւնը չէր խանգարած անոր առաքինութիւնները, թէեւ փոխած՝ անհամեմատ՝ անոր դէմքը։ Դեռ առողջ, այսինքն՝ զեխութեան եւ ուրիշ մեղքերու իբր արդիւնք բարակնալէն հեռու, անոր արիւնը կը մեղմանար ոսկիին ու արծաթին տուրքերովը եւ անոր անկնիք գեղեցկութիւնը, որ այնքան հաւատարիմ է ծագումին եւ կը շինուի թերեւս դէմքի մը աշխարհ գալէն մէկ-երկու սերունդ առաջ, կը փրկուէր համայիլներուն, կիսալուսիններուն, լաչակներուն եւ վառերուն ճարտար ու զուսպ ու զգլխիչ հոսումներովը։ Մանրիկ ոսկիներ, շղթայիկներու բերնին, կը համբուրէին անոր ճակատն ու այտերը ու կ՚երգէին՝ անոր ականջներուն, նուագը յղի ու դժբախտ մետաղներուն։ Փոշիի մօտ բան մը թեթեւ մը կը բանար ուժով կարմիրը անոր երեսներուն։ Տաղաւարին երկրորդ օրը, անիկա կը փոխէր հիմնովին իր դէմքին տեքորը եւ զգեստները ` օր ու արեւ տալու համար գերդաստանին պատմական ուրիշ զարդեղէններուն։ Կը հանուէին շատ պահծու, ծանր ու վիզը փրցնող ոսկի շղթաներ։ Ու մատնիներ, որոնց մարմինը կը գրկէր մատին ամբողջ յօդուածը։ Ուրիշ ատեն մը, անիկա կ՚ըլլար պարզ, ծանրագին ու բարակ կերպասներով եւ քայռերով։ Այս ամէնը, այսպէս զանազանուած, կը շինէին իրենց գործը, այսինքն՝ անոր դէմքն ու արտայայտութիւնը, որոնք մօտիկը կը դրուէին ան միւս, ծագումով ու անունով գեղեցիկներուն։ Անո՛նց՝ որոնք արիւնի էջքին, նուազումին, չգուշակուած ախտերու, շատ մերձաւոր ու ազգակցական ամուսնութեանց իբր արդիւնք կը յայտնուին ու կ՚ըլլան գրաւիչ՝ խելք առնելու չափ, ախտաւոր ու եղերական։ Քաղաքի՞, թէ գեղքի հով մը՝ կը պտըտի անոնց անձին շուրջը, ու կը զգետնէ անզգոյշները։ Բայց, կարեւոր պարագա՛յ, անոնց բոլորին ալ վրայ, աշխատող ու աստուածային հուրքով եփ ելած արգանդ մը կը հեղու իր ճառագայթումը, մեղքին, կարօտին, ծարաւին փոխն ի փոխ կուշտ ու նօթի ստեղները թրթռման հանելով կիներու միսէն։ Ընելով զանոնք, անոնց աղուորութիւնը դալկօրէն, նիհարօրէն, փխրուն չորութեամբ մը խռովիչ։ Ու կին են անոնք, այսինքն՝ կո՛ւշտ կեանքին հեղուկէն։ Ու կը զգանք ատիկա առաջին իսկ աչքով։ Աղջի՞կը։ Տարփանքին փաղաղող հեղումին, յղութեան ու դիեցման սպառումներուն պակասը կ՚աւելնար Աղուորին վրայ ` զայն ընելով անսովոր ու անկարելի բան մը, որ կը զարնէր հարիւր քայլ անդիէն, զգալու ատակ մարդերուն, նոր հասուկ երիտասարդներուն թաքուն, վեցերորդ զգայարանքը։ Մնաց որ, անոր պարզ երեւումը խռովք էր քիչ մը բոլորին համար։ Թերեւս գիտակ էր պառաւը այս տարօրինակութեան, քանի որ կ՚արգիլէր անոր մեծ մասը այն աշխատութիւններուն, որոնք հարսներու բաժինն են ուրիշ տուներու մէջ։ Պարապ տեղը չէր, որ կը վախնար անիկա թաքուն այդ շնորհէն, ու մէկ աչքը անպակաս կ՚ընէր անոր վրայէն, երբ դուրս ելլային։ Տունին մէջ անիկա բացառիկ որակուելու չափ տարբեր ապրում մը ձեւած էր իր հարսին։ Անլուր բան՝ ան երկրորդ տարին իսկ զատեց անոնց անկողինները քաղաքէն բժիշկի մը պինդ հրամանովը ` վտանգ սպառնալով անոր տղուն խելքին, ինչպէս հարսին ալ կեանքին։ Իսթերի ի առաջին նշանները չէր կրնար հասկնալ անշուշտ խելացի պառաւը։ Բայց ծակ էր ականջը ու գեղը ունէր աքաղաղի պէս երգող հարսներ, հարուստկեկ տուներէ։ Պաշարած էր զայն ամենահաս, բայց անկշիռ հսկողութեամբ մը։ Հետն էր ամէն վայրկեան ` իբր անոր շուքը։ Կը պառկէր անոր ծոցը, երբ տղան քաղաքն ըլլար։ Կ՚արգիլէր անոր առտուն կանուխ ելլել անկողինէն ` մեղքնալով իբր թէ, քունի հրաւիրելով ու յանձնարարելով անհոգ երկննալ։ Իր մատը պիտի չդպէր մոխիրին, որքան ատեն, որ ողջ էր ինքը ` Նալպանտենց հաճի Աննան։ Արտաքուստ այսքան հոգածու շեշտով այս կարգադրութիւնները կը հպատակէին ներքին զօրաւոր վախերու։ Չէ՞ որ ինքն իսկ կը տարուէր, բարկացած ու անկարող, այն ստուերոտ ու շրշրջուն բանէն, որ նոր հարսն է տունին մէջ, կէս մը դեռ թափառող քունէն տարակայ, անպաշտպան իր հոգիին չափ իր մարմինէն, հո՛ն՝ ուր երիտասարդ ծառայ մը կը հազայ կամ դուռը կը բանայ ախոռին։ Հաճի Աննան չէր ուշացած լիովին ըմբռնելէ այն խռովքը, զոր իր հարսին, ոեւէ հարսի պատկերը, ձեւը կը բանան մանչերու սրտին մէջ, երբ անիկա կը գոցէ իր ննջասենեակին դուռը ու վար կ՚իջնէ, բակ, անխնամ ու քակուած, մազերն ուռեցք ու խառնակ, ծիծերը ինկած ու ճնշող եւ ոտքը բոպիկ։ Այդ րոպէներուն՝ բան մը կ՚անցնէր, կը դողար տունին խաղաղ ոլորտին մէջէն ու թարմ տղոց համար այդ պահը աղիտաւոր էր, որքան աքաղաղին առջի գիշերային քանի մը ժամերը։ Դիմաւորած էր վտանգը, իր կարծիքով, հարսը այդ զարթխում պահ եր ուն բանտելով իր անկողնին մէջ։ Ու ինք կ՚եփէր առտու կանուխ, արեւցաթէն բաւական առաջ փշրուք ապուրը տան ծառային, որ պարտաւոր էր ընելու կամաց իր բոլոր շարժումները։ Պիտի խօսէր ցած ` ձայնը անզգալի ընելու աստիճան։ Պիտի չհայհոյէր այս արգելքը կը տարած ո ւէր նաեւ անոր վարձուած ամբողջ ամիսներուն վրայ այն պատկերուն բառերով, որոնք այնքա՛ն քաղցր կը հնչեն հարսներու ականջին։ Պիտի չհազար։ Ախոռէն կենդանին պիտի քաշէր սուսիկ ու չքանար տունէն։ Այս ամէնը դեռ արեւին երեսը չտեսած։ Յետոյ կը ձայնէր Աղուորին։ Տունին գործը իր կէսէն անցած կ՚ըլլար արդէն։ Ան հարսին կը յանձնէր կովերը կթելու աշխատանքը։ Զանոնք նախիրին խառնելը կապուած էր նախրապանին տարիքին։ Երբ վաւերական ու ա՛լ թմթռկած ծերունի մըն էր քշողը, Աղուորը արտօնուած էր կովերը առաջնորդել մինչեւ անոնց հաւաքավայրը, բաւական մօտիկ։ Այլապէս այդքանն ալ կը զլացուէր իրեն։ Ամբողջ ցերեկը անոր առջեւն էր տունը։ Աւլուցք։ Լուացք։ Սրբտուք։ Բակին մէջ պառաւը շատ բան չէր ձգեր անոր ` ոտքին վարժութիւնը արգիլելու հեռատեսութեամբ։ Բայց կը գործածէր անոր կորովի բազուկները պարտէզին, ջրհորին եւ ուրիշ զբաղումներու։ Եթէ օդին մէջ չզգար անձրեւի հոտ, հաճի Աննան անոր կը յանձնէր իրիկուան կերակուրին պատրաստութիւնը ու կ՚երթար ժամ։ Անձրեւոտ օրերուն տեղէն չէր շարժեր, վասնզի ծառան կրնար մէկէն ի մէկ բուսնիլ ` թրջուած ու յոգնած։ Լաթ տալ, չորցնել, ոտքերը մաքրել՝ գործեր էին, որոնք մասնաւոր հոտ մը կը ձգէին բակին վրայ։ Ու լաւ հոտ չէր ատիկա։ Աղուորը վարժուած էր այս ամէնուն։ Այս կատարմունքները անոր մտքին մէջ ենթակայ չէին որոշ պատճառներու։ Գիտէր սակայն, որ իրեն տարեկից հարսներ, հակառակ զաւկի դիեցումին, լացուկոծին ու յարակից հազարումէկ յոգնութիւններուն, պարտաւոր էին ոտքի ըլլալ կեսուրէն առաջ, ու կատարել վերը յիշուած բոլոր աշխատանքները ` անտրտունջ ու անթերի, ու վրան ալ աղաւորել պարոնտատ, ընդհանրապէս խեղանդամ ու նեղսիրտ։ Անկողինէն դուրս, Աղուորին հսկողութիւնը յանձնուած էր դարձեալ հաճի Աննային, երկու մեծ աղջիկներուն, սանկ հեռուէն ու անպաշտօն։ Իր բաժինը պառաւը կը կատարէր օծուն խստութեամբ մը, ու նոյնիսկ կարելի է ըսել՝ մասնաւոր քաղցրութեամբ մը։ Օր մը խիստ ու գէշ բառ չունեցաւ անոր հասցէին կամ երեսին։ Ընդհակառակն, մեղր ու շաքար էին անոր բառերը, դուրսը թէ ներսը, մերձաւորին թէ օտարին ներկայութեանը։ Հրամայել չունէր, անիծել չունէր, գանգատիլ չունէր։ Կեղծ գովասանքներ չէին լսեր իր բերնէն։ Բայց անիկա մշտապէս փակ կը պահէր տանը մեծ դուռը։ Ու մեռելի դագաղի նման կը ճնշէր ատ դուռը զուարթ փողոցին, ուր շարք մը տուներ դուռ անգամ չէին գործածեր գիշեր ու ցերեկ։ Պատուհանին բացուածքները տախտակեայ հասարակ փեղկէն զատ ունէին երկաթ, հաստ ձողերով պահպանակներ, բանտի պէս պիրկ ու անժպիտ ` չնմանելով ուրիշներու, որոնց երկաթահիւս մասը պզտիկներուն համար զուարթ վանդակ մը կը ձեւէր փողոցն ի վար կախուած։ Բայց տունը յատկանշող, բացառիկ ու անիծուած ընող պարագան՝ վարագոյրներուն բաշխումն էր։ Մշտապէս լարուած, ճերմակ ու ցուրտ, քիչ մը կապտաւուն, բայց անհունօրէն տխուր կ՚ընէին անոնք տան կրկնակ յարկերը։ Մարդոց ոտքը առաջ չէր երթար այդ սեմէն ներս կոխելու։ Հին դղեակէն դիմացող այս վարժութիւնը ա՛լ մաս կը կազմէր տունին հոգիին, հոն ապրողներուն ալ հոգիին։ Վասնզի սուտ չեն անոնք, որ կը պնդեն, թէ տուներն ալ կը նմանին մարդոց, դիւրահաղորդ կամ տարամերժ կ՚ըլլան անոնք։ Ու կ՚աւելցնեն, թէ շէնքը ոչինչով է մեղաւոր։ Մենք ենք, որ մեր խառնուածքին, ժառանգութեան թաքնախոր հոսումներովը կ՚արգասաւորենք անոր բարոյական դէմքը ` ստեղծելով որոշ պատկեր կամ մեր յաւելումներովը կը փոփոխենք, կ՚եղանակաւորենք արդէն կազմուածը։ Ի՞նչն է այն աննշան բանը, որ երկու երկիրները իրարմէ կը զատէ, եթէ ոչ՝ այդ հոգին Ոչ մէկ ցուցմունք, բայց վստահ եղէք, թէ աչքը պիտի զատէ անցուած սահմանը, երբ կը կոխէ նոր երկրի մը վրայ ոտքը։ Նալպանտենց տունը չունէր հրաւիրող հով։ Հոն կ՚ընդունուէին բոլորովին հասուն, այսինքն՝ իրենց աշխատանքին հետ բոլորով շաղուըւած անբաժանելի կիներ, որոն ք ուրիշ բան պիտի չըլլան, եթէ ոչ՝ պատկերը իրենց օրուան գործերուն։ Որոնք երբ բերան ն ին բանան, հացէն ու զգեստէն, տղոց կարիքներէն, տաքէն ու պաղէն զատ պատմելիք չունին մինչեւ գերեզման։ Կան այս կիները, ինչպէս են ստուար տոկոսը արդէն այրերուն։ Աղուորին հետ կը տեսնուէին բոլոր նշանուած ու տարուան մէջ հարսնանալիք աղջիկները, պաշտօնական առիթներով։ Բայց նոր հարսներուն քով պառաւը միշտ միջոցը կը գտնէր մէկը տեղաւորելու Աղուորին հետ խօսած ատեննին։

Մեծագոյն եւ անագորոյն զգուշութիւնը կը կատարուէր տան ծառային հանդէպ։ Ուրիշ տուներ իրենց համար փառք ու վաստակ կը համարէին ծառան առնել պզտիկուց, մեծցնել, խառնել անոր պատանութիւնը շէն ու եռացող իրենց գերդաստանին, նշանելու կարգել իրենց շեմէն ներս։ Բոլորովին անոքները այսպէսով կը մնային տանը մէկ անկիւնը, ծերանալով տանտիկինին հետ ու իրենց տղոցը յանձնելով իրենց բազուկները։ Արտերով աշխատող տուները յաճախ մէկ-երկու արտավարով բունիկ մըն ալ կը սահմանէին ուշ իրենց հոգիին համար, ատիկա լաւագոյն վկայութիւնն էր դատաստանի օրուան։ Ու ասիկա նահապետական հով ալ ունէր։ Միւս ձեւը՝ կարգել ու ընտանիք մը աւելցնել գեղին, աւելի սիրելի էր ու գոյութիւն ունէր հարուստ բոլոր գերդաստաններէն ներս։ Տեսակ մը տան տղայ էր ծառան ու կարգուելէն ետքն ալ տակաւին երախտիքով ու սիրով կապուած՝ աղային պարագաներուն։

Նալպանտենց Սերոբը հակադրութիւնն իսկ էր այս աւանդութեան։ Ձեզի ծանօթ է ժամանակի, վարձակալութեան պայմանաժամին ստացած ձեւը անոր մօտ։ Բայց անծանօ՛թ՝ ամբողջ արարողութիւնը, որ կապ ունէր անոր ընտրութեան։ Դուռ կը բացուէր ահագին փնտռտուքներու, գաղտնի բանակցութիւններու։ Կը խուզարկուէին ընտանիքին մօտաւոր, մա՛նաւանդ հեռաւոր անցեալը։ Ազնուապետական այս սովորութիւնները խնամքով ու հաւատքով կը յարգէր մեծահարուստի այս յետին շառաւիղը։ Կը շինուէր, կարելի հարազատութեամբ, ծառային հօրը մանկութիւնը եւ տունի կեանքը։ Կը լուսաւորուէր ասիկա բացարձակ պայման մըն էր աղքատութեան հանգոյցը։ Մէկիկ - մէկիկ կը գտնուէին ծախուած պարտէզներուն թուականները եւ կարիքը, որուն լրացումին համար անոնք զոհուած էին։ Դատաւորի մը պէս համբերատար, մայր ու տղայ այդ վաճառումն արդարացնող պատճառները կը կշռէին, հաստատ ու իրական հիմքերու վրայ։ Իրենց որոշումը կապուած եղաւ աղքատութեան աղէտին, ինքն ալ հետեւանք ձախող բերքի, առատ զաւակներու, կամ աւելի յաճախ՝ անակնկալ մահերու։ Այսքան խղճամիտ փնտռտուքէ յետոյ՝ Նալպանտենց տունը կը բանար իր դուռը ծառային վրայ, միշտ կէս, միշտ վախով։ Հակառակ այս խստութիւններուն, անոնք միշտ ալ խենթի պէս վազեցին այդ տունին։

Տան ծառան, կամ աւելի պարզ՝ ծառան այդ կողմի գեղերուն համար ընթացիկ տիպար մըն էր։ Որոշ չէ անոնց հաստատման թուականը։ Բայց թուրքերու հաշիւով կը բարձրանայ առնուազն երկու դարու։ Նոյն այդ հաշիւը Նիկիոյ լիճին շրջակայքը հողեր կը տրամադրէ հայերուն ա՛յնքան, ո՛րքան կը պահանջէ թուրքերէ բնակուած գիւղերուն սովորական բազմամարդութիւնը։ Գաղթական այս մարդերը խանգարած ըլլալու են «տէրերուն հաշիւները»։ Վասնզի անցեր են դարեր։ Լերան սիրտը նետուած գեղը աճեր է առատ ու արագ։ Մաշեցուցեր է անտառներուն ծածկոյթը ` վերածելով, մատներու բոլոր հասած հողերը, մշակելի պարտէզի։ Ու քիչ-քիչ ալ թաթ է փորձեր դէպի ցած, հոյակապ դաշտը, ուր ոսկոր ցանես՝ հոգի կը բուսնի, ինչպէս կ՚ախորժին ըսել։ Այս ծաւալումը սպառնացած ըլլալու է դաշտին տէրերուն, թուրքերուն, որոնք պետական միջոցներով ճնշած են զայն ու կրկին դէպի լեռ նետած անոր ալիքները։ Այսպէս սանձուած, մեր գեղը դարձած է լերան։ Հարիւր տարիէ ասդին, գեղին ամբողջ հարստութիւնը, այսինքն՝ մշակելի լաւագոյն ու արդիւնաւէտ հողերը անփոփոխ սեփականութիւնն են հին ընտանիքներու։ Մարդուն սիրտը կը բացուէր շքեղ այդ ձիթաստաններուն դէմ, որոնց հողը լուացուած ըսուելու չափ մաքուր էր ու մերկ։ Որոնք գեղեցիկ էին, պատմութեամբ կամ դրուագներով, ու անունները կը կրկնէին յաճախ աղուոր կիներուն ու հարսներուն ` ընդհանրապէս իբր սաչու անցնելով մէկ սերունդէն միւսին։ Յետոյ՝ ամէն հող չունի ամէն յարմարութիւն։ Այգի, ձիթաստան որոշ մարզերու մէջ կը յաջողին միայն։ Ու անոնք չեն ծախուիր, վասնզի կրակի գիներու հասած են։ Պապենական ժառանգութիւնը միայն կը զօրէ անոնց փոխանցումին ու կը կոտորակէ։ Այսպէսով է, որ անոնք կը վերածուին ծիծաղելի փոքրութիւններու, բայց կը մնան կապուած՝ ընտանիքին։ Բայց պէտք է աչքի առջեւ ունենալ, որ նոյն այդ հարիւրամեակին, գեղին բնակչութիւնը քառապատկուած է, անփոփոխ ձգելով հողերու եւ տուներու քանակը։ Կը հասկցուի, թէ ինչու հին տուները յղփացած ըլլան հողով ու նորերը, ապրելու համար, իրենց բազուկներէն զատ ոչինչ չունենան։ Այս է պատճառը, որ մարդեր, բազուկներ առատ ըլլան ու տրամադրելի։ Հարուստները չնչին տարեվարձով կ՚ունենան այս երկաթի պէս առողջ ու դանակի պէս կտրուկ պատանիները։ Ծառա՛ն՝ աղքատ, բայց հիմնովին աղքատ, հազիւ քանի մը տասնեակ ձիթենիի եւ հարիւրեակ թթենիով տան մը վեց-եօթը զաւակներէն անդրանիկն է, որ ցամաք հացով կը ճարէ առաջին ոսկորները, հում ու քիչ, բայց որոնք պիտի կարծրանան, երբ թաթխուին հարուստի եղին ու մեղրին մէջ։ Տաս ն էն անցնող ամէն տղայ փրկութեան լաստն է ընտանիքին։ Անոր անդրանիկ վաստակը երկու տարուան տուրքը կը գոցէ պետութեան։ Ետեւէն կը հասնի երկրորդը, որ քիչ մը աւելի պահանջկոտ է եւ տուն ընտրել գիտէ, այսինքն՝ օճախ ու խաթուն կը զատէ։ Երրորդ մանչուն ատենը, նուաճուած ու բորոտ հայրը կ՚աղուորնայ, եղ կը կապէ, մարդու կարգ կ՚անցնի ու կ՚երեւայ սրճարանը, զոր լքած էր երեք - չորս տարիէ վեր, խմած սուրճին դրամը վճարելու անկարող ըլլալուն։ Չարքաշ, չափազանց պարկեշտ, անդրանիկ տղաքը իրենց հայրերուն հետ կը մեծնան դաշտերուն մէջ, հովուերգական, բայց խիստ պայմաններու տակ։ Ցամաք հաց, շատ-շատ որդնոտած ձիթապտուղ եւ փուրաս 2 ։ Անոնք ատեն չունին, դպրոցէն իսկ, հարուստներուն մեղքովը պլշկուելու։ Անոնք կը կրեն իրենց հօրմէն առաջին ուժգնութիւնը սերմին ու նրբաւարտ են՝ ինչպէս գեղադէմ։ Անոնց վրայ չի դողար քաղքին այն հովը, որ առջինեկները ծեր կ՚ընծայէ ծեր անկողիններէ։ Քիչ կը խօսին, քիչ կը ժպտին, կոշտ ու պիրկ կ՚ըլլան ու քիչ մըն ալ հող կը հոտին, շատ կանուխէն հոն տարուելնուն։ Կան, որ կը շփոթուին բակի կոճին հետ իրենց գոյնովն ու կարծրութեամբը։ Վայրենի, երգելու տեղ մռլտացող, դիմագիծերնին հաւաքուած, բայց ոչ-զուրկ տեսակ մը արու շնորհէ, անոնք կը դնեն պարկեշտութեան բարձր չափ մը իրենց յանձնուած ամէն գործի մէջ։ Չեն տառապիր նախանձէն, չքաշելէն, որ անոնց խաթուններուն դէմքը կ՚ընէ քիչ մը թթու, գուցէ կերած հացերնուն քանակովը տառապող։ Չեն նախանձիր հարսներուն, մօտ, պարզ, միջին հրապոյրով, քանի որ կարգը տակաւ կը մօտենայ անոնց։ (Բացառիկ հարսներուն հանդէպ անոնց տկարութիւնը չ՚անցնիր մարդկային սահմանէն)։ Մերկ ու բարի անոնց հոգին վսեմութեան կը հասնի, երբ ձախորդութիւններ զարնեն աղան ու անոր կալուածները։ Բայց ընդունուած է, որ անոնք ծառայեն մինչեւ որ շէնք - շնորհք պսակդրամ մը, հարսնիքին օժիտն ու հարիսացուն խնայած ըլլայ իրենց մաման։ Կ՚արժէ շեշտել, որ ծառայելու այս ձեւը հեռու է ստրկական երանգէ։ Նախատական չէ անիկա ոչ մէկ տղու համար եւ չի կշռեր անոր նշանածին պարագաներուն։ Ու հիմնապէս կը տարբերի շրջանի միւս գիւղերուն մէջ ընդհանրացած պատկերէն, ուր աշխատանքը անվերջ ձմեռ մըն է երիտասարդին։ Ատոր վաստակը կ՚ուտէ գինով հայրը կամ դիւրամատոյց կնիկ մը, սովորաբար այրի, քիչ մը հեռուէն ալ ազգական։ Պոլսոյ աւելի մօտիկ, այդ գեղերը աւելի շուտ վարակուած են անոր ա ղաներէն։ Ասդին, առանց իսկ ակռան շատ սեղմել հարկադրուած ըլլալու, ծառան կ՚աճի։ Կը հասուննան անոր քանի մը կարողութիւնները։ Հաշիւ, դրամներու տեսակ ու կեանքի խոշոր դասերէն շատ մեծկակ կտորներ՝ կը բանան անոր աչքը։ Կը նուաճէ աշխատանքին դառնութիւնը։

Կու տայ առաջին կնիքը՝ իր սրտին ` հեռու ապրելով սրճարաններէն, ուր հարուստի անգործ տղաքը կը սպաննէին իրենց մարմինն ու հոգին։ Ան կը պահէ հայրենի տունին պարզ, սուրբ ըսուելու չափ պարզ աւանդութիւնները։ Քրոջը պատիւին չափ տարուած է հարսներուն պատիւով ը ։ Առաջները առակի կարգ անցած էր անոնց պարկեշտութիւնը։ Կերուած հացին դէմ մինչեւ մահ երախտիքով։ Տանուտէրը անոր համար կը մնար տեսակ մը հարուստ, ուրախ ծնողք, կնքահօր համապատիւ, որուն ձեռքպագի կ՚երթար ինք Ծնունդին, երեք - չորս զաւկի հայր ըլլալէն ետքն ալ։ Բայց խճուղիին ձգուելէն ասդին՝ այդ տղաքը աւելի լայն վարձքով ու քաղցր պայմաններու հանդէսով մը, ուր հանըմին հեռանկարը կու գար առաջին գիծի, փնտռուեցան թուրք գեղերէ։ Այս շփումը բացաւ անոնց զ գ այարանքները՝ ինչպէս աչքը։ Ու անոնց վերադարձը գեղին մէջ բերաւ նոր մեղքերու, գայթակղութիւններու հունձք մը։ Իմ օրերուս՝ դիտելի էր անոնց վրայ կեցուածք մը կիներու հանդէպ, որ արդիւնք կը սեպուէր հարեմներու խորհուրդին մէջ անոնց ստացած փորձառութեանց։ Բայց հայ գեղին մէջ վարձուողները պահեցին համեմատական մաքրութիւն։ Քանի՛ բարքերը փոխուելու միտում բերին, ա՛յնքան ծառաներուն հանդէպ տրամադրութիւնները խստացան։ Հետզհետէ սկսան փնտռուիլ կարգ մը ստորոգելիներ։ Տնտեսական պայմաններու կարծրանալը, գեղին անընդհատ աճումը, թուրքերուն փոխուիլը դեր ունէին այս խստացումին մէջ։ Անոնց համար լաւագոյն վկայական մըն էր խմիչքի դէմ անոնց կեցուածքը, որ կը ստուերէր նոյնիսկ կիներու հանդէպ անոնց համարձակութիւնն ու ազատ բերանը։ Չխմողը կը փրկէր իր ուրիշ խոշոր թերութիւնները։ Գէշ նոթ մըն էր ծխելը։ Քիչ մը գրել - կարդալը կ՚արժէր կրկնապատիկ յարգանք ու տարեվարձքին վրայ կարեւոր յաւելում։ Հաճի Աննային համար թափուի մուրհակէն աւելի թանկարժէք էր տարիքը։ Մայրերու, կնքակիցներու, ծնունդի տարիին հետ կապուած կարեւոր դէպքերու ամբողջական փաստեր դեր ունէին ընտրութեան վրայ։ Այս մանրակրկիտ քննութենէն յետոյ տան ծառան կ՚արժանանար անսովոր թոշակի։ Օճախին համբաւը (Նալպանտենց այս տունը մեծ մեղանչումներ չունէր գեղին սրտին վրայ ճնշող), պարկեշտ տղու հանդէպ աւանդական համակրութիւնը կը մնային այս արդիւնքին վրայ։ Ծառային հագուստը ոչ մէկ տարբերութիւն ունէր տան տղուն հագածէն։ Կ՚ուտէր նոյն սանդին պարունակութենէն, թէեւ երբեք նոյն սեղանին վրայ։ Տաղաւարներու (երկու մեծերուն) չուխա եւ կ օ շիկ։ Բայց չէր կրնար օճախով սենեակը մտնել ու քանի մը բերան բան փոխանակել տղային կամ հարսին հետ։ Ան հաճի Աննայէն պիտի ընդունէր աշխատանքի բոլոր հրահանգները, ու անոր պիտի տար իր տեղեկութիւնները։ Հաճի Աննան մէկիկ - մէկիկ կը ճանչնար իր բոլոր կալուածները ու անոնց պէտքերը։ Երեսը քիչ մը պինդ տղոցմէն չէր ախորժեր։ Երկու հատ վռնտեց, որովհետեւ ճիգ տեսաւ վրանին աչքի իյնալու, դուք կը հասկնաք անշուշտ որո՛ւ աչքին։ Չէր ախորժեր տնտնացողէն, մասնաւորաբար, ձիուն բեռը փլած ատենը կամ բակէն իր բաժինը քաշուելու պահուն։ Իր ուզածն էր ա՛ն՝ որ մեծապէս սուզուած իր գործին մէջ, տունն անգամ պիտի ըլլար առնուած այդ ոլորտին։ Պիտի ընէր ինքզինքը ջնջուած ու չգոյ ու պիտի չբարձրանար երբեք երկրորդ յարկ։ Տղաքը կը գուշակէի՞ն այս պայմանները թելադրող ոգին։ Իրողութիւն է, որ ճամբու դրուելէն ետքը, անոնք գեղին մէջ կը տարաձայնէին այս սեղմումները, բաւական սրամիտ մեկնութիւններով համեմուած ու կը խօսէին իրենց հնարքները ` խաբելու համար հաճի Աննային աչքերը։ Թէ ինչպէ՛ս ճեղքած կ՚ըլլային ներսէն ախոռին պատերը, հետեւիլ կարենալու համար հարսնուկին հասակին, որ կը քալէր բակէն դէպի դուռ՝ ինչպէս երազ մը, բայց որուն ծփանքէն աշխարհ մը սարսուռ կը կործէր իրենց պատանի սրտին։ Անոնք, հակառակ տաժանքին, որ ցերեկուան վաստակը դիզած կ՚ըլլար իրենց կոպերուն, բռնի բաց կը պահէին ասոնք, երազելու համար Նալպանտենց հարսը, որուն փայլն ու գովքը հետզհետէ կ՚ամրանային եւ որուն ամուլ արգանդը կը գրգռէր անհուն ախորժակներ, առհաւական ու մռայլ։ Եղան՝ որ զայն անգամ մը լման տեսնելու ու շունչին մօտիկը ըլլալու համար, տունին մէջ հիւր ընդուն ու ած պահ եր ուն նետուեցան դուրս, երբ գիտէին, որ հարսը, լոյս ափին միշտ կը բանար պորտան (մեծ դուռը բակին) ու կը լուսաւորէր եկուորները, կարմրած, քաղցր, անըմբռնելի, խենթ ընելով տղաքը իրենց պշուցումին մէջ։ Անոնք կը պատժուէին անշուշտ։ Բայց դժուար էր խրատը պատանիներուն։ Կը ճամբուէին։

Ու Սողոմենց Սողոմը ` Նալպանտենց ծառան, ունի բոլոր վկայաթուղթերը, որոնք անցած են հաճի Աննային վաւերացումէն։ Չգտնուած տղա՛յ։ Միակ անպատեհութիւնը անոր քիչիկ մը նիւթական լայնութիւնը։ Ասիկա քիչ մը ցոլք կու տայ մարդոց երեսին, որմէ չեն ախորժիր բոլոր ուրիշը աշխատցնողները։ Հաճի Աննան մոռցա՞ծ է արդեօք Սողոմին մեծ հայրը, որուն դանակը երկու կանգուն հասակ ունէր ու չորս գրկաչափ ալ աղտ ու արիւն։ Անոր տղան ` Առաքինի Դաւիթը, ծախած էր այդ երկաթին կտորը երկու բեռ լէպլէպիով ու բաշխած աղքատներուն։ Անկէ ասդին՝ թաղուեցան պատմութիւնները։ Գուցէ կը յիշէ։ Բայց հա՞յրը։ Աստուծոյ հրաշքն էր աս ալ։ Բայց որքա ՜ ն առաւելութիւններ անոր թոռանը վրայ։ Սողոմենց Սողոմը, գառնուկի պէս տղա՜յ։ Սուսիկ-սուսիկ աչքեր։ Բերան մը՝ տարօրինակ քաղցրութեամբ, որ ժամուն մէջ կը լացնէր բոլոր կիները, Աւագ Հինգշաբթիի արարողութեանց ` «Ո՞ւր ես, մայր իմ» ը լացին մէջ եղանակելով։ Տասնութ տարեկան է ան, անշուշտ աւելի մեծ անպատեհութիւն մը։ Բայց այս երկրորդ տարին է, որ կը մնայ անիկա։ Գեղացին քիչ մը զարմանքով նկատած է այս զանցումը Նալպանտենց օրէնքներուն։ Յետոյ լսուած է, որ հաճի Աննան աւելի զիջող է ներքին կանոնագրին յօդուածներէն։ Յետոյ կը սիրեն լսել, որ ամէն բան անուշ է այդ տղուն վրայ։ Հակառակ տարիքին ու հասակին՝ անիկա թարմ է՝ պատանիի մը նման։ Քիթին տակը ոչ մէկ ուրուացում ստեւի։ Ու խանձած չէ անոր դէմքը, քանի որ հօրը մահէն առաջ անիկա չէ եփած արեւներուն, հացին քրտինքէն խա շ ելով քաղցր շնորհը պատանութեան, այն ատեն՝ երբ մեր մորթը իր վերջնական գոյնը կը ճարէ տասնչորս-տասնհինգի դուռներուն։ Ասանկ բացառութիւններ ու ասանկ աղէտներ չեն պակսիր գեղին մէջ։ Հայրն է, որ կ՚իյնայ, կը մեռնի, իր տարիքին կէսը չառած, տուն մը զաւակ ձգելով կէնճուկ կնոջը։ Երկրորդ ամուսնութիւն մը անյատակ թշուառութիւն է։ Կիները մշտապէս արհամարհած են ատիկա։ Այրերուն համար՝ խորթ-խասի կռիւը սարսափելի տրամ մը ու ահաբեկ է ըրած մէջ-մարդերը։ Փորերնին կուշտ, քսակնին կուշտ, մսերնին տեղը մարդերը միայն կը մտածեն այդ կարելիութեան, առանց ահուդողի։ Ու ընտանիքին մեծ տղան քաջաբար կ՚անցնի ինկողին տեղը։ Հողը միշտ ցամաք հաց միայն տալ կրնայ բազմաբերան ընտանիքին։ Աւելի՛ն. այսինքն՝ լաթը, տուրքերը, հետզհետէ շատցող ծախքերը կը դարմանուին, պիտի դարմանուին օրավարձով, որ ամէն տղու համար, կատարուելով օտարին հողին, յաւելեալ ու բռնի աշխատանք կը դառնայ ` ենթակայ ըլլալով շուկային ու պէտքին քմահաճոյքին։ Պէտք է սպասել սորվիլ։ Ու տագնապը հարթելու լաւագոյն ձեւը ինքզինքը ծախելն է տարիով։ Սողոմը լուրջ ու յարգուած տղայ, առանց բերանը բանալու, ընդունած է հաճի Աննային բոլոր օրինագիրքը։

Ընդունած է, առանց լիապէս գիտակցելու այն ձգողութեան, որ զինքը նետած է այս տունին մէջ։ Անբացատրելի՝ բայց յստակ խորհուրդ մը փաթթած էր զինքը, դեռ պատանի, երբ տարիներ առաջ, տեսաւ Նալպանտենց հարսը, տաղաւարի մը կալին։ Այդքան։ Բայց բարքերը եղած են տարբեր։ Առաջները, տղաքը օտարին կնկան կը նայէին, բայց կը մնային անզգած ու խաղաղ։ Անոնց մէջ չէր երկարեր պատկերը, որ հարսները կը տանի մինչեւ անկողինները։ Կիները առարկաներու, աւելի շատ՝ դաշտի աղուոր այգիներուն կը նմանէին քիչ մը, ու տէրերը անոնց՝ անառարկելի, Աստուծոյ հրամանով։ Սիրային տրամ մը, նշանածէ նշանած, գրեթէ ըմբռնելի չէր կիներէն դէպի տղաքը ու փոխադարձ։ Պոռնիկնե՛ր, որքա՛ն կ՚ուզէք։ Ազգապիղծ անկողիններ Աստուծոյ աչքին կը ձգուին։ Սէրը անծանօթ էր գեղացի տղուն, որ զգացումը աճեցնելու քիչ հող ունի իր մէջ, տարուած, պաշարովի, ուրիշ հոգերէ։ Բայց ես կը խօսիմ գուցէ ջրհեղեղէն։ Այդ երանելի տարիներէն ասդին շատ բան է փոխուած։ Թուրքերէն մեր տղաքը սորվեցան աղուոր կիներուն համը ու անոնց վրայ խօսելու սարսռոտ քերթուածը, երբ քանի մը հոգի քիչ մը ոտքէ հեռու տեղուանք, աշխատելէ յետոյ, սիկարի մը հանգիստին համար կ՚երկննան կակուղ շուքի մը ու ասոր-անոր կնիկը մէջտեղ կը դնեն։ Ու դրուածը՝ պարտաւոր է ճշդուիլ, պատկերի վերածուիլ, մանրամասնութեանց հանդէսով մը, որ անոնց բերնէն ջուր կը վազցնէ։ Ու այսպէս է ան նաեւ Սողոմին համար։ Անիկա իր բախտակիցներէն կը փնտռուի ու կը հրաւիրուի «մարմին հագցնելու» հարսներէն ամէնէն խռովիչին, հիմա՝ երբ անոնց տունն է։ Առաջ անիկա մտիկ ըրած է ուրիշները, որոնք իր տեղը եղան։ Ու կեանքը քալած է իր երկաթ ճամբան։ Գործերը, տունին հոգերը, հօրը մահը իրարու ետեւէ լեցուցած են անոր հոգին, արգիլելով հոն ծաղկումը հզօր պատկերին, ու վերադարձուցած անոր զգայութիւնները՝ իրենց սովորական հուներուն, դէմքն ալ՝ գեղացի տղու ընդհանուր տիպարին։ Ով գիտէ բախտը հանէ՞ պիտի անգամ մըն ալ անոր ճամբան, երազին այդ կտորը։ Ու հաշտուած թռած պատկերին ու անոր կորուստին՝ ժամանակին ծոցը, անիկա ալ պիտի սպասէ, որ քանի մը տարիէն անոր ծնողքը նետեն անկողինին մէջ օրինաւոր կինը, միսի անծանօթ փերթ մը, որ ոչինչ ըսէ պիտի անոր հոգիին։ Բայց չ՚ուշանար զօդուիլը, որ սէրը չէ։ Ո՞վ պիտի անդրադառնայ Նալպանտենց հարսին եւ բոլոր հարսներուն։ Ան հայր պիտի ըլլայ քսան տարեկանին, ու երեսունին, կէս երկվեցեակ մանչ շարած տան սանդուխին աչքերուն, հասուն ու պարպուած, յուսակորոյս ու յափրացած՝ ան համ պիտի չառնէ ա՛լ կնիկէն ու նման պարապ բաներէն։ Օր մըն ալ անի պիտի զգայ դառնութիւն ու աղ։ Աղքա՜տ՝ անիկա իր գիշերները պիտի ազատէ իր կնիկէն, հացին համար ու պիտի մաշի տուն մը տղոց ակռաներէն։ Օրէնք է ասիկա եւ երկաթով խարանուած՝ այրերու ճակտին։ Այս օրէնքէն կը զարտուղին մարդիկ արեան տուրքով ու ոճիրով։ Մա՛հը նուազագոյն չարիքն է, գինն է այս զեղծանումին։

1 Հոգին անապատը գտնել արժէք չտալ իր կեանքին։

2 Փուրաս սոխազգի մը` պրաս։