Գ
Գործը
աւարտած
ներս
մտաւ
Աղուորը։
Կարծես
թէ
նոր
տեսնային
կամ
չճանչնային
զայն։
Երկու
պառաւներ
ը,
անոր
վրայ
խօսելէն
-
խօսելէն,
սպառած
կը
թուէին
անոր
իրականութիւնը,
այնքան
խախո՛ւտ,
երբ
բաղդատուի
անկէ
շինուած
անցեալին,
որ
ա՛լ
գալիք
չունի
եւ
որ
կը
կշռէ
աւելի
հզօր
մեր
լինելութեան
վրայ։
Կեցաւ
հարսնուկը,
կարծես
մէկէն
ի
մէկ
սուզ
ո
ւած
իր
իսկ
անլինելութեան
մէջ։
Պատրանքը
տեւեց
այսպէս,
մինչեւ
որ
հարցուց
անիկա։
Այն
ատեն՝
պառաւները
տեսան
ու
հասկցան
թեթեւ
վարդագոյնը,
որ
աշխատանքէն
ինկած
էր
երեսներուն
ու
կը
հագուեցնէր
զանոնք
բարակ
շնորհքով
մը,
ա՛յն
խածուելիք
եւ
ուտուելիք
բանով,
որ
կարգ
մը
դէմքերը
կ՚ընէ
եղերական
եւ
հզօր։
Կիներն
ալ
կը
զգա՞ն
ատիկա։
Բայց
անիկա
սենեակին
մութ
խորքին
վրայ
–
արեւը
քաշուեր
էր
բոլորովին
դէպի
տանիքը
–
անիկա
բարերար
ու
արդար
ցոլացում
մըն
էր,
փոխն
ի
փոխ
պղտորուող՝
ինչպէս
ջուրի
ակ
մը,
ուր
գայլախազ
մը
կ՚իյնայ,
եւ
մաքրուող,
վերածուելու
համար
իր
իգութեան
իմաստին։
Քաղցրութիւն,
հեշտանք,
երիտասարդութիւն,
չհաւաքուած
մայրութի՜ւն,
որ
կը
զեղուր
անոր
ամէն
խորշերէն։
Այո՛։
Բայց
դժբախտութի՛ւն
ալ։
Ու
կը
ճնշէր
անոր
անմեղութիւնը,
անգիտութիւնը
պառաւներու
լարուած
խղճմտանքին։
Կան
ասանկ
պահեր,
ուր
մեր
ներքին,
ստուգագոյն
իրականութիւնը,
նոր
բառով
մը՝
ճառագայթումը
տեղ
կը
ճարէ
մենէ
դուրս,
քանի
մը
երեսներով,
ու
կը
յայտնուի
իբր
շատ
մը
բան
նոյն
րոպէին
մէջ։
Հարցում,
վարանք,
վախ
ու
կարօտ,
հաշիւ
ու
առհաւութիւն,
երկինք
ու
դատաստան։
Ու
տակաւին
ուրիշ
բաներ,
եթէ
կ՚ուզէք։
Աղուո՞րը։
–
Բայց
մայր
ու
կնիկ,
արգանդ
ու
ստինք,
երիտասարդութիւն
եւ
յիմար
հեռուներ։
Սերո՞բը։
–
Մահ
ու
ոճի՜ր։
Աշխատանքը
ըրած
էր
զայն
թեթեւ
մը
հեւուն։
Քրտինք
չունէր
անշուշտ,
բայց
ճակտին
քովերով
բան
մը
կը
պաղէր։
Հաճի
Աննան
վար
առաւ
աչքերը։
Մեղքը
աւելի
պզտիկ
է
երբեմն։
Հարսին
կերպարանքը
խռովիչ
էր
ու
տրտմեցաւ
անիկա։
Իր
կարգադրութեան
համաձայն,
մինակ
ձգելու
համար
Աղուորը
մամային
հետ,
ելաւ
նստած
տեղէն,
թօթուեց
պոզը
մէկ-երկու
հեղ
ու
շատ
բնական
ձայնով
մը
խօսեցաւ
պարապին
վրայ.
-Մոռցայ
մածունը
բռնելու։
Իրա՞ւ։
Սո՞ւտ։
Դուրսն
էր
արդէն
ու
անոր
մարմինին
օրօրուն
ծփանքէն
կը
հոսէր
դժուար
ու
ծանր
հոսում
մը,
զգալի
նոյնիսկ
Աղուորէն։
Բայց
Ս
ա
րեկենց
Բաբէթը
կարծես
կը
տեսնէր,
իր
բոլոր
զարհուրանքին
մէջ
ի՜նչ
որ
կը
քաշկռտուէր
անոր
հետքերէն։
Ան
նայեցաւ
յուսամոլոր
անոր
ետեւէն
`
իր
մենութեան
սարսափէն
ճնշուած,
երկանաքարի
մը
տակ
ինկող
մէկուն
նման։
Ու
կը
տեսնէր
ողբերգութիւն,
արիւն
ու
մահ,
որոնք
ընտանի
բանի
մը
պէս
կը
հոլովուէին,
ընելով
անոր
քայլերը
ծանր,
լեղի,
սրտի
վրայ
կոխող։
Ու
երկուքն
ալ,
մայր
ու
աղջիկ,
չէին
գիտեր,
թէ
ինչո՞ւ
կը
համրէին
անոր
քայլերը։
Ու
ինչո՞ւ
այդքան
ծանր
էին
անոնց
զարկերը։
Հատան։
Շատուոր,
խռով
լռութիւն։
Անոնք
այն
ժամանակ
վերադարձան
իրենց
մենութեան,
երբ
ախոռին
դուռը
ճրճռաց։
Աղուորին
համար
տրտում,
բայց
անփոխարինելի
հաճոյք
էր
մինակ
ըլլալը
իր
մամային
հետ։
Աղջիկները
չեն
սիրեր
իրենց
մայրը,
երբ
դեռ
կը
դառնան
անոր
փէշերուն
ձգողութեանը
մէջ։
Փեսայի
մը
անկողինը
չէ,
որ
կը
բանայ
անոնց
մէջ
սիրոյ
դուռները։
Թերեւս
նորածինի
մը
բերնին
զետեղուած
ստինքի
պտուղէն
է,
որ
կը
խոցուի
անոնց
անզգածութիւնը։
Անկէ
առաջ՝
դարձին
համը
զօրաւոր
է
բաւական։
Բայց
հինգ
տարիներ
կը
բաժնէին
զինքը
այդ
զգայութիւններէն։
Ըլլալով
զրկուած՝
կեանքին
գերագոյն
զբաղումներէն
ու
կարելի
վայելքէն,
չունենալով
անկողին
ու
արգանդ,
կաթ
ու
օրան՝
անիկա
իր
մէջէն
ծոր
ո
ւած
կենսունակ
բա՛նը,
աւիշը
կը
տարտղնէր
շրջապատին,
համեստ
անկիւններու
իսկ
զեղելով
կաթը
իր
հոգիին,
աղջիկներու
հոգին,
–
մայրութի՛
ւ
նը։
Կայ
այս
հոսումը
ու
զգալի։
Թող
անցնին
երկու
կիներ,
մէկը՝
մայր,
միւսը՝
ձուարան։
Մեր
զգայարանքները
պիտի
ազդուին
հարազատ
ու
անխա
բ
։
Ան
ունէր
անպարտկելի
գորով
բոլոր
ծնունդներուն
վրայ,
ըլլար
ատիկա
հաւու
ճուտիկ
մը
կամ
շ
ունի
լակոտ։
Թող
կատուն
իր
ծիծերուն
պտուկները
լքէր
իր
պզտիկներուն,
քիթէն
արձակած
անոնց
վրայ
օրերգը,
կամ
հաւը
ելլէր
ժուռ
ածելու
իր
ձագերը.
թող
հովիւը
լեռնէն
ջուխտ
մը
ուլ
բերէր
դրացիներուն,
ան
պիտի
պատմէր
եղելութիւնը՝
կենդանի
ու
քաղցր,
ու
ատոր
դրուագումին
մէջ
պիտի
դնէր
այն
մայր
բանը,
որուն
հեղանուտը
–
գոլի
մը
պէս,
որ
չ՚երեւար,
բայց
կայ
–
կը
պտըտէր
իրեն
հետ,
կը
ծաւալէր
իրմէն
դուրս,
ու
կ՚ընէր
անոր
ներկայութիւնը
այնքան
խռովիչ
մէջ-կնիկներուն։
Սրտառուչ
էր
անոր
այս
ծարաւը
օրանին
ետեւէն։
Որքան
հեռու
էր
անիկա
վաւերական
այն
չորութենէն,
մալուածքէն,
որ
կը
պարուրէ
սառած
արգանդները
ու
կը
հեղուի
դարձեալ
շրջապատին,
անսիրտ
ու
դէգ
եսասիրութեամբ
մը,
ընելով
փատցած
աղջիկները
անտանելի,
եւ
անբեղուն
կիները՝
դաժան
ու
զազրելի։
Ցանկայարոյց
է
ամուլը,
անասնական
խստութեամբ
եւ
միշտ
օտար՝
արուին։
Աղուորին
համար
ցանկութիւնը
մթնոլորտ
մըն
էր,
որուն
մէջ
փաթթուած
կը
քալէր։
Այս
անտեսանելի
հեղանիւթը
իր
գոլէն
կ՚անցընէր
անոր
փոքրագոյն
իսկ
բառերը։
Ու
կ՚ընէր
զայն
պզտիկ,
պուպրիկի
պէս
զգլխիչ,
երբ
ան
կը
լեցնէր
մօրը
ծոցը
իր
չհատնող
հարցումներովը,
տղու
պէս
քաղցր
ու
անխելք։
Կան
այս
բերանները,
որոնք
ուզած
ատեննին
կու
տան։
Ինչպէ՞ս
տեսաւ
մայրը,
որ
կու
լար։
Ե՞րբ
եղած
էր
ատիկա։
Անիկա
տարիներէ
ի
վեր
վարժուած
էր
անոր
բռնուած
արտայայտութեան,
որ
ի
վերջոյ
կազմած
էր
մնայուն
պատ
մը
անոր
երեսին։
Այդ
բռնուածքը,
աշխարհի
աչքին,
կը
տեսարանէր
անոր
ցաւը,
այդպէս
լուռ
ու
կործանուած,
բողոքի
մը
պէս,
որ
չի
ծառանար
ու
չ՚ուզեր
պոռթկալ,
ով
գիտէ
ինչո՛ւ
եւ
կը
ծաւալի
իր
աւազանին
վրայ։
Մէկէն
յիշեց,
որ
կար
անոր
ձայնին
մէջ
ալ
լացի,
կապի
այդ
երակը,
որ
վրիպած
էր
իրմէ,
դուրս
չհեղուելուն։
Բայց
արցո՞ւնքը։
Ասիկա
փորձանքն
էր,
անակնկալ
ու
ահաւոր։
Խաղաղութիւն
մը
սուղ
է
միշտ
մեր
հոգիի
ն
համար։
Զայն
խանգարող
առաջին
կրակները
կ՚ազդ
ո
ւին
ու
կը
խոշորնան
այդ
համատարած
պատկերէն։
-Ի՞նչ
ունիս,
մամա՛ս,
մամա՜ս։
Նետուած
էր
վրան։
Ու
ի՜նչ
կու
լար։
Կու
լար
անիկա
տարիներու
չելած
լացը,
զոր
խնայած
էր
իր
մօրը,
անոր
տարիքին
խնայելու
համար
այս
կսկծանքը։
Կու
լար
անիկա
`
արցունքին
համին
մէջ
տարօրինակ
զուգորդութիւն
գտնելով
քրտինքին
հետ,
որ
իր
մարմինը
պատնող
հեղուկ
համբոյրը
եղաւ։
Յետոյ
կեցուց։
Ինչո՞ւ
կը
տեղաւորուէր
անոր
գիրկը,
կարծես
հնգամեայ
աղջիկ
մը
ըլլար։
Ի՜նչ
տարօրինակ
է
մեր
մէջ
գիրկի
այս
կարօտը։
Երկու
ձեռքերը
ամուր՝
անոր
կզակին
ու
գլխուն։
Աչքերը
պինդ՝
անոր
ողողուած
կոպերուն,
որոնք
նայուածք
չըլլալու
համար
կը
թաղուէին
կէս
այդ
փրփուրին
մէջ։
Բայց
պարտաւոր
էր
ան
խօսելու։
-Բան
չունիմ…
Սրբեց
արագ
անիկա
քիթը,
փոխանակ
աչքին։
Մեծ
յուզումներուն
մէջ
քիթը
կեդրոն
կը
դառնայ
յաճախ։
Ան
կը
նեղուէր
այս
անզօր,
վհատ
սկիզբէն։
Յիշեց,
որ
քիչ
առաջ,
պառաւին
հետ
խորհրդակցութեան
ընթացքին,
անիկա
երդումով
խոստում
էր
տուած
չլալու
ոչ
մէկ
գնով
ու
պատահելիքը
մօտեցնելու
իր
աղջկան
հոգիին
իբր
պարտք
մը
`
քաղցր
ու
անստուեր
ու
անխուսափելի։
Խե՜ղճը։
Չէր
գիտեր,
թէ
մեր
որոշումները
մեզի
հետ
կը
վարուին
քմահաճ
հիւրերու
նման։
Չէր
գիտեր,
թէ
վճ
ի
ռին
ձեւ
գտած
մտածումին
եւ
անոր
իրացումին
մէջտեղը
ժամանակին
դիակը
կայ,
մեծ
կամ
պզտիկ,
բայց
դիակ
մը,
որ
կը
պաղեցնէ
մեր
բոլոր
կրակները։
Թէ՝
գործադրութեան
պահերուն
մէջ
կը
լքեն
մեզի
բոլորովին
հաւատարիմ
նկատուած
յատկութիւններ։
(Այս
նահանջն
է,
որ
հոգեկան
կոտորածի
պահուն
կը
հնչեցնէ
ահազանգը
ու
կը
նետէ
մեր
քայքայումը
մեր
կամքի
դաշտին,
տապալելով
մեզ
այնքան
արագ
ու
անակնկալ։
Անդամներէն
առաջ
ու
զգայարանքներէն
առաջ՝
ուղեղը
չէ,
որ
կը
յոգնի,
այլ
ա՛ն՝
որ
քիչ
ետքը
ուղեղը
պիտի
ըլլայ։
Դուրսէն
դէպի
ներս
այս
հարուածները
մեզ
կը
կքեն,
քան
բուն
իսկ
սկզբնառիթ
իրողութիւնը)։
Ամէն
կողմէ
ասեղներ
ուղղուեցան
դէպի
անոր
կոպերը
եւ
շիշտեցին
(շիշ
խոթել)
անխնայ
անոր
ակնագունտերը։
Պարտաւորուեցաւ
բանալ։
Բայց
արցունքը
աչքին
մէջ
զսպելու
անոր
ճիգը
ճնշած,
ուռեցուցած
էր
անոր
քիթը,
որ
կարծես
շոգիէ
մղուած՝
կ՚ուզէր
ճամբայ
ելլել
ու
կը
դողար
իր
խարիսխէն։
Ու
վազեց
հեղուկը
կրկին,
առատ
ու
հեկեկագին,
իր
կրած
ճնշումէն
կրկնապատիկ
ու
դիմադարձ
ուժգնութիւն
առնելով։
Կու
լանք
ոչ
այնպէս,
այն
մեքենականութեամբ,
որով
կը
խնդանք։
Ժպիտը
անգայտ
է
ու
ատով
քիչ
մը
անձեւ,
հազիւ
հաղորդուելով
հոգեկան
յատակին։
Անիկա
մակերեսային
է
եւ
տրամադիր
գունաւորուելու
թերեւս
արտաքին
ազդակներէ։
Ո՛վ
չէ
խնդացած
ուրիշին
հաճոյքին
համար։
Այդ
է
պատճառը,
որ
բնազդով
թերահաւատ
ենք
ժպիտէն։
Բայց
արցունքը
յստակ
է։
Թանձրութիւն
ունի։
Արտայայտիչ
է
ու
պահով
պայմանաւոր։
Անկեղծ
ենք,
երբ
կու
լանք
լացողին
հետ
ու
չենք
նեղուիր
մեր
խղճմտանքէն
ուրիշներու
հաշուոյն
խնդացած
ատեննուս
նման։
Վարերէն
կու
գայ
ու
ներքին
յատակի
մը
առնուազն
աղերը
կը
վերբերէ։
Կեղծիքի
ն
մէջն
իսկ
չի
դադրիր
ինքզինքը
ըլլալէ։
Բայց
աւելի
յաճախ
անիկա
մեր
վիշտն
է,
գուցէ
էութեան,
ըլլալու
հարցին
մէկ
օդերեւոյթը,
որ
ձգելով
կազային
իր
վիճակը՝
հեղուկ
մը
կը
դառնայ,
ու
կը
կրկնէ
ստեղծումին
անպարագիծ
մէկ
խորհուրդը։
Ամէն
լացող
հասկնալի
է։
Խնդացողնե՞րը։
Բայց
Աղուորը
առաջին
անգամ
էր,
որ
կը
տեսնէր
մօրը
աչքերը
սա
անյատակ
արտայայտութեամբ։
Հեղուկէն
ու
անոր
իմաստէն
դուրս
էր
բոլորովին
սա
դէմքէն
վազող
դառնութիւնը,
ահաւոր
այն
բանը,
որ
կը
խորտակէ,
իր
անծանօթ
կողմէն։
Անիկա
թօթուեց
մայրը,
ինքն
ալ
չարտասուելու
համար
ու
կը
կրկնէր.
-Ինչո՞ւ
կու
լաս։
Ի՞նչ
ունիս։
Ի՞նչ
կայ,
մամա՛ս,
մամա՜ս։
Գրեթէ
արցունք
էին
բառերը։
Կարճ,
բայց
սանդուխի
մը
աչքերուն
նման
վրայէ
վրայ
բարձրացող
սա
հարցումները
չհասան
մօրը,
որ
պրկեց
իր
դէմքը
եւ
խածաւ
շրթները
`
չխօսելու
համար։
Աղուորին
երեսը
անորակելի
բան
էր
ատ
պահուն,
անգիտութեան
խռովքէն,
որքան
վերահաս
աղէտէ
մը
սարսափահար։
Վախը
տարիք
ունի
կ՚ըսեն
ոմանք
ու
ձրի
վերագրում
չէ,
որ
կ՚ընեն։
Մեծին
մօտ
անիկա
դուրս
է
քմայոտ
ու
մղձաւանջային
կողմէն։
Երիտասարդ
կիները
տարբեր
կը
վախնան
պառաւներէն
ու
հոս
չի
բաւեր
ջիղերու
ընկալչութիւն
կամ
կեդրոններու
մաշում
մէջտեղ
նետել։
Մայրը
չէր
խօսած,
շրթները
շարժելու
ուժ
չգտնելուն։
Ինչպէս
պարպուած
էր
անիկա
իր
կենսահիւթէն։
Ատկէ
զատ,
այդ
պահուն,
անոր
տկարագոյն
ու
հիւանդ
մասը
լեզուն
ըլլար,
որ
կոթէն
կոտրած
հացիի
թիի
մը
նման
երկնցեր
էր
վար,
դէպի
խորերը
կոկորդին։
Ու
ամէն
ճիգի
պիտի
փրթէր,
իյնալու
համար
աւելի
խոր։
«Լեզուն
բռնուիլ»
բացատրութիւնը
մինակ
առաչօք
տեսիլներուն
չի
դիտուիր։
Մենք
ունեցեր
ենք
բոլորս
ալ
անկէ։
Այս
պատկերը
Աղուորին
մէջ
յառաջացուց
անբացատրելի
անհանգստութիւն։
Բոլորովին
ինքզինքը
դուրս
գիտնալով
սարսափին
այդ
պարունակէն,
որ
կը
բռնանար
սենեակին
վրայ,
անիկա
կը
դողար
բնազդական
սարսափէ
մը,
իր
խորհուրդովը
աւելի
կեղեքիչ։
Այդ
սարսափը
իր
ասեղներովը
ճամբայ
կ՚ուզէր
բանալ
դէպի
անոր
ուղեղը։
Բայց
անիկա
կը
մնար
շուարուն
ու
չէր
տեսներ։
Պատահածի՞ն,
թէ
պատահելիքին
խաւարը
եղաւ
գիշերուան
մը
պէս
լայն
ու
ուրուայոյզ։
Բայց
արեւը
յառաջացած
էր
կամարին
վրայ,
շինելով
օրուան
ընդհանուր
նկարագիր
մը,
–
բարի,
գոհ
ու
արդար,
դուրսը,
հսկայ
գեղին
վրայ,
այդպէս
ոսկի
ու
ջերմին,
ջինջ
ու
գորովոտ,
վրան
մա՛նաւանդ
հասնող
այգիներուն,
որոնք
հեռուի
բլուրները
կ՚ընէին
համոտ
ու
ցանկալի
`
մարդկեղէն
զգայութիւններու
հանդէս
մը
տարածելով
անոնց
անզգած
երեսներուն
ու
փոխադրելով
հնձաններուն
ծիծաղն
ու
աղջիկներուն
դեղձան
երգերը
այդ
ամայութիւններուն։
Օրը
կը
մտնէր
իր
այն
մասին
մէջ,
ուր
զբաղումները
տուներէն
ներս
կը
թեթեւնան
ու
հարսներն
ու
ջահրակները
փողոց
կ՚իջնեն։
Օրնի
տղաքը՝
քուն։
Դպրոցականները՝
հեռու։
Երկամեաները
իրարու
հետ
փոքր
գզուըտուքով։
Ու
անոնց
տարտամ
աղմուկին
կը
խառնուէր
հեծքը
բուրդին
ու
բամպակին։
Ամէ՛ն
օր,
ասիկա
այսպէս
էր,
երբ
ամառը
բանար
արեւներուն
ամբարը։
Ինչպէ՞ս
կ՚ըլլայ,
որ
տարիներով
կրկնուած
ու
մեր
գիտակցութեան
չհասած
զգայութիւններ
մէկէն
թանձրութիւն
կը
ստանան,
վիճակ
մը
կ՚ըլլան
ու
իբր
հակապատկեր,
իբր
օժանդակ
պատկեր
կը
փռուին
մեր
հոգիին
դաշտերուն
դէմ։
Ինչո՞ւ
ու
երբէ՞ն
ի
վեր
փաղաղ
բան
էր
սա
պահը,
ամբողջ
օրհնութիւն
ու
ամբողջ
գորով,
մինչ
ուրիշ
մը՝
ամբողջ
մաղձ
է
ու
մոխիր։
Մէկուն
մէջ
մեր
արգանդը
չ՚ապրիր
ու
չի
բռնանար,
միւսին
մէջ
տիեզերքը
կը
պզտիկնայ,
կը
չորնայ
իր
բոլոր
խորութիւններէն
ու
անդունդներէն
ու
մարդը
կ՚ընէ
հարցում
մը,
հեւք
մը,
սլացք
մը,
կէտ
մը,
ինչպէս
անհուն
լե՛ռ
մը,
որ
գիծով
մը
կը
պսակուի
ու
վերջ
մը
կ՚ըլլայ։
Մէկուն
մէջ
ան,
մարդը,
կը
դադրի
իր
անասնութենէն,
վերածուելու
համար
թերեւս
դեռ
չկասկածուած
իր
իմաստին,
–
պարապ
եղէգ
մը
բռնուած
տիեզերքին
վրայ,
չափելով
իր
շուքովը
անդունդներուն
անդունդը,
զոր
միտքը
կը
փորէ,
չհասկնալով,
բայց
ըլլալով
իր
իսկ
ճակատագիրը,
նմանելով
քովիկը
բուսած
խոտին
շիւղին,
անոր
պէս
բարի
ու
խեղճ
ու
անցաւոր։
Միւսին
մէջ…
բայց
վերջ
չունի
այս
զուգահեռականութիւնը
երկու
աշխարհներուն։
Հինաւուրց
պատուհանէն
խոշոր
կտոր
մը
լոյս,
կէս
կամի
մեծութեամբ,
կը
փռուէր
սենեակին
յատակին,
նշուլում
եւ
իրաւ,
պատին
մէկ
մասին
նետելով
քիչ
մը
դեղին
պղտորում։
Ո
՜
վ
անուշութիւնը
արեւին
ու
աչքին,
չգիտնալուն
եւ
մահուան
երթալուն,
ու
անուշութի՜ւնը
ողբերգական
պատերուն
սա
բանտէն
ներս։
Բայց
ի՜նչ
անհանգիստ
բան
էր
նորէն
անոր
լոյսը
դաշոյնի
մը
պատենքին
վրայ,
որ
կը
ցրուէր
ճառագայթները
ու
կը
նեղէր
նայուածքը։
Սողոմինն
ըլլալու
էր
մահուան
այդ
գործիքը,
քանի
որ
տունին
մէջ
ոչ
ոք
կը
գործածէր
անկէ։
Ու
երկուքն
ալ
չէին
հասկնար,
թէ
ինչպէ՛ս
զէնքը
ելեր
էր
ծառային
խուցէն
ու
հոս
եկեր-կեցեր
էր
իր
պոչին
վրայ,
քաշող
ու
նենգ։
Ու
կը
նայէին,
անսիրտ
ու
նեղուած,
այդ
ցոլացիկ
առարկային։
-Վերցո՛ւր,
-
ըսաւ
մայրը։
Յետոյ
յիշեց
քիչ
առաջուան
ծխախոտի
տուփը։
-Սողոմը
հոս
կը
մտնա՞յ։
Աւելցուց
անիկա,
տարտամ
ու
երկարուն,
պատասխան
չուզող։
-Չէ՛։
Յստակ
ու
պարզ
էր
անոր
աղջիկը։
Ու
հեռո՛ւ
անոր
ձայնը
ամէն
կնիքէ։
Մայրը
ոտքի
էր
արդէն։
Ան
չէր
գիտեր,
որ
այդ
առտուն
Սողոմը
եղած
էր
օճախով
սենեակին
մէջ
ու
խօսած
հաճի
Աննային։
Վերցուց
զէնքը,
առանց
պատենքէն
քաշելու։
Բայց
զգաց,
որ
շ
ուարած
էր
զայն
տեղ
մը
դնելու
հարկին
առջեւ։
Յետոյ
հաստատեց,
որ
շուարումը
վատ
ու
լռին
վախ
մըն
էր
իր
մէջ
ու
կու
գար
խօսելու
միւս
հզօր
հարկէն,
որ
կը
կոխէր
իր
ծոծրակին
ահաւոր
սեպի
մը
նման։
Իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
Սողոմին
մարմինէն
մաս
մը
կը
դողար
ափին
մէջ,
պերճախօս,
լզող
ու
երիտասարդ
ու
փորձանաւոր։
Ան
կրկին
զգաց
լեզուի
այն
դիակնութիւնը,
որով
տառապեր
էր
քիչ
առաջ։
Բառերը
չէին
շինուիր։
Իր
ճիգին
մէջ
անիկա
տեսաւ,
որ
դաշոյնը
կը
խաղար
ու
իրարու
ետեւէ
կ՚արձակէր
փոքր
ու
սրանկիւն
ճաճանչներ,
որոնք
կը
գծուէին
ու
կը
կտրուէին
թիթեղեայ
պատեանէն։
Քալեց
ու
տեսաւ,
որ
կեցած
տեղն
է
ր։
Ճառագայթները
խաղցած
էին։
Հոգեկան
շէնքի
այս
կրկնաւոր
ծփանքը,
ըլլալու
ու
չըլլալու
այս
հրթիռը
տեսանելի
էր
դուրսէն
օտար
դիտողին
անգամ։
Կ՚ըլլայ
ասիկա,
երբ
մեր
անձը
կը
կիսուի
մէջտեղէն,
երկու
հզօրագոյն
մղումներէ
մագնիսի
պէս
աքցանուած։
Մենք
ամբողջ
կ՚ընենք
մէկը
կամ
միւսը,
երբ
կը
փորձենք
կեդրոնանալ։
Արցունք,
հոգ,
վախ
կը
սրբուին
այս
պահուն,
այնքան
արագ
է
շարժանկարին
խաղը
հոգիին
յատակին։
Ու
ենթական
կ՚ապրի
տեսիլքի
մը
պէս։
-Մամա՛,
դուն
ասօր
բան
ունիս։
Քնքուշ,
վստահելի,
էգ,
հրաւիրող։
Աղուորը
կը
դպէր
պատրանքի
պատկերին
եւ
կը
ստիպէր
մայրը
ինքնիրեն
դառնալու։
-Ուրկէ՞
գիտես։
-Կը
տեսնամ
երեսիդ։
Պատասխանը
արագ
էր,
ատեն
չթողելու
չափ,
որ
մայրը
տարուի
մղձաւանջին
թաթերէն։
Հիմնական
վիճակէ
մը
խուսափելու
ամէն
ջանք
տկար
է
մեր
մէջ։
Ձգողութեան
օրէնքը
ճիշդ
է
նաեւ
հոգեկան
մարզին
վրայ։
Մեծ
յուզումները
կը
կլլեն
փոքրերը։
Որքան
արագ
ըլլանք,
ազատում
մը
այնքան
հաւանական
կը
դառնայ։
Բայց
հոգին
կը
գործէ
մէկ
նոյնիսկ
գեղջուկին
մէջ։
-Դուն
ատանկ
չէիր
նայեր
ինծի։
Կեցաւ
անիկա,
կարծես
հաղորդուած՝
մօրը
պատասխանին,
զոր
չէր
ուզեր։
Այն
ատեն
զգաց,
որ
չէր
խորհ
ե
ր
մօրը,
ինչպէս
գրեթէ
միշտ,
այլ՝
իրեն։
Այս
վերագիւտը
զինքը
ըրաւ
նախապէս
ամօթահար,
յետոյ՝
խիստ։
Ի՞նչ
կարծր
հոսանք
անցաւ
անոր
ջիղերէն։
Բայց
աւելցուց
տարօրինակ
քաղցրութեամբ.
-Ա՛լ
չեմ
երթար
քաղաք։
Կախէք,
չե՛մ
երթար։
Ու
անոր
այս
բառերը
կը
հաստատէին
անգամ
մըն
ալ
հոգեբանական
այն
դիտողութիւնը,
որուն
համեմատ
տագնապի
պահերուն
հոգիին
առաջին
շարժումը
կ՚ըլլայ
վերադառնալ
իր
հիմնական
երեսին,
բոլոր
միւսները
թաղելով
ստուերին
ետին
(ուրիշ
բան
եղա՞ծ
էր
արդեօք
Նալպանտենց
հարսը,
բացի
իր
արգանդէն)։
Հոգեվարքներու,
զգայախաբութեանց,
նուաղումներու
ընթացքին
առաջին
գիծին
կու
գայ
մեր
անգիտակից
ապրումը։
Քանի՜
տարի
է
քաղաքէն
այս
գարշանքը
հասած
էր
անոր
ամենաթաքուն
ալքերուն։
Իր
ամօթէն
դուրս
–
գեղացի
հարսնուկի
անոր
մարմինը
խանութէն
կախ
մսի
կտորի
մը
պէս
ձեռնուած
էր
այնքան
անգամներ,
այրերէ
ու
կիներէ,
ծերերէ
ու
պառաւներէ
–,
իր
հրապարակային
սուտովը,
ամէնուն
աչքին
քսուած
այդ
կեղծ
փոշին,
հետզհետէ
կը
դառնային
երկրորդ
նահատակութիւն
մը,
որուն
տառապանքը
պարտաւոր
էր
մինակը
կրելու,
էրիկը
փարթամ
նուէրներով
ելլելով
ճահիճէն։
Մեզ
կը
շինեն
տարիները,
բայց
մեզ
անցընելով
տաքէն
ու
պաղէն,
քիչ
անգամ
մետաքսէն
ու
ոսկիէն։
Ու
կնոջ
մը
տաքն
ու
պաղը
մի
փնտռէք
անոր
դուրսը։
Այսպէս
է,
որ
ա՛լ
անոր
մէջ
կազմուած
էր,
տարիներու
մամուլէն
դարբնուած,
արձակը
իր
ճակատագրին,
իրաւ
է,
թէ
անստոյգ
ու
անշրջագիծ,
ինչպէս
է
ճակատագիրը
ինքնին,
բայց
զանգուած
ու
ճաղատ,
նման
մղձաւանջի
մը,
որ
կ՚աշխատի
ըլլալ
ու
չի
կրնար։
Նալպանտենց
հարսը
արտաքին
աշխարհին
համար
անորդի
արգանդ
մըն
էր,
որ
իր
տիպէն
բոլոր
կիներուն
նման
պիտի
դիմանար
իր
միսերուն
վրայ
թերեւս
տասը
տարիով
աւելի,
մտնելու
համար
մեղքը
քանի
մը
երիտասարդի,
պիտի
խաղար
արիւնով
ու
տապարով
–
երեք
հատ
մէկ
սերունդի
մէջ
պատահած
է
տապարահար
յօշոտումը
այդ
գիծէ
կիներուն
ու
անոնց
փէշերուն
շուրջը
դարձող
այրերուն
–
կամ
ժամանակէն
առաջ
զարնուած
Աստուծոյ
ահէն,
ապուշ
ու
ցաւագար,
տեսիլքներով
մաղաղկուն
պիտի
իյնար
պառաւութեան
ծոցը
`
գոցելով
դուռը,
օճախը
գեղին
հարուստ
մէկ
գերդաստանին։
Իսկ
ներսին
համար
անոր
վիճակը
դուրս
է
որակումէ։
Գեղը
կ՚անգիտանայ
կուսութիւններուն
դժոխքը,
որ
մեր
օրերու
քաղաքակրթութեան
ծաղրանկարը
պիտի
մնայ
ու
հասկնալի
չէ
այդ
պարզ
մարդերուն։
Խուլերը,
համրերը,
կաղերը,
նո՛յնիսկ
անդամալոյծները,
հոն
`
գեղին
մէջ,
անպայման
պիտի
խառնուին
կեանքի
գերագոյն
հեղեղին։
Անոնք
պիտի
կարգուին
ու
իրենց
խեղութիւնը
պիտի
լուացուի
ու
չքանայ
իրենց
սերունդին
արիւնին
մէջ։
Կուզ
Առաքելը,
որուն
հասակը
կանգուն
մըն
էր
ու
կուզին
ծաւալը՝
գրիւ
մը
ցորեն,
վեց
հատ
մանչ
շարեց,
ֆիտան
ի
պէս,
իրարու
հասակ
տուող։
Առաքելը
ջնջուեցաւ
`
շատ-շատ
պիտակ
անուն
մը
կտակելով
ընտանիքին։
Ու
տղաքը
առիւծի
պէս
մարդեր
եղան։
Կոյս
աղջիկը
տասնհինգէն
յետոյ
ըմբռնելի
չէ։
Տուն-մնաներուն
համար
իսկ
բախտը
կը
բանայ
ճամբաներ,
որոնք
մօտի
գեղերը
կը
տանին։
Աղուորի՞ն
համար։
Դադրած
էին
բոլոր
հնարաւորութիւնները
ու
անոր
ճամբան
մէ՜կ,
որ
կը
տանի
մեծ
հաշուատեղին։
Աստուա՞ծը։
Բայց
ոչ
ոք
կը
հաւատայ
անոր,
մա՛նաւանդ
դժբախտութեան
մը
անդունդէն
(յուսահատներուն
սիրելի
երկնային
մխիթարանքը
գրական
է
ու
հռետորութիւն)։
Անոր
կը
խորհի
գեղացին,
երբ
յաջողութիւնը
կը
լեցնէ
իր
ամբարները
եւ
գուբերը։
Բայց
իր
մտածումին
հակառակը
կը
գործէ,
երբ
կը
ջանայ
զայն
կաշառել։
Ցուցամոլութիւն
է
մատաղը։
Կեղծիք
են
մեր
բոլոր
նուէրները,
որոնք
բացատրելի
են
բազմաթիւ
ազդակներէ։
Վասնզի
խորապէս
ժլատ
ենք,
երբ
կը
տառապինք
ու
ասիկա
աւելի
անդին
է,
քան
պանդոյր
բնազդը
եսապաշտ
դպրոցին։
-Աս
է
եղեր
իմ
ալ
ճակտիս
գիրը,
մամա՜ս։
Ո՛չ
տրտում,
ո՛չ
սուտ
սա
բառերը
կը
վայլէի՞ն
սա
շքեղ
յօրինուածքին,
քսանամենի
սա
առատ
մարմինէն,
որ,
ծունկի՝
մօրը
կուշտին,
ձեռքերը
ծոցին
վրայ
խաչաձեւած
հազիւ
կը
զսպէր
իր
ստինքներուն
յորդ
խաղը։
Ա՞ս
էր
ճակատագիրը։
Որքան
օտար,
ամբարիշտ
պիտի
գար
այս
ըմբռնումը
ուրիշ
ամէն
լսողի՝
ամբողջ
հեշտանք,
ամբողջ
կրակ
ու
կարկուտ
սա
պատկերէն։
Մայրը
բացաւ
լայն
իր
աչքին
դուռները,
կարծես
նոր
կը
տեսնէր
անկէ
արգանդին
ողբերգութիւնը,
նոյն
ատեն
իր
ու
բոլոր
կեանքերուն
իմաստը։
Ու
ներս
կ՚առնէր
իր
հոգիէն
շէնքը
այդպէս
լափլիզուած
անոր
հոգիին։
Առաջին
անգամն
էր,
որ
այդ
պատկերէն
անիկա
զգաց
խլրտումներ
իր
ծոցին
մէջ
ու
յիշեց
իր
հարսնութիւնն
ու
անոր
առջի
անկողինը։
Ի՜նչ
սուտ
է
ամէն
բան,
սառնարանի
մը
վրայ։
Իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
բախտը
զինքն
էր,
որ
կը
հարուածէր
այդ
րոպէին,
իր
աղջկանը
վրայէն։
Ու
իր
աղջիկը՝
իր
շարունակութիւնը։
Բան
մըն
էր
ան,
որ
մաս
կը
կազմէր
իրեն,
չէր
դադրած
մաս
կազմելէ։
Ծնողքի
կապը
չի
բացատրեր
այս
անձնացումը։
Դղրդեցան
իր
մէջ
մշտապէս
գոյ,
բայց
մինչեւ
այդ
պահը
իրեն
անծանօթ
աղբիւրներ։
Իր
մէջ
կը
յուզուէին
կինն
ու
մայրը
նոյն
ատեն,
իւրաքանչիւրը
իւրայատուկ
ալքերէ,
հաւասարապէս
հզօր
եւ
իրաւ,
պահանջկոտ
ու
արդար։
Այս
բխումները
արիացուցին
դժբախտ
խլեակը։
Եղաւ
անիկա
ուրիշներուն
պէս
խիստ,
հրամայող։
Իր
ո՞ր
մեղքին
համար։
Բռնեց
աղջկանը
թեւերը,
որոնց
կակուղ
համը
վայրկենապէս
հասաւ
իր
ներսի
մռայլութեան
ու
ճառագայթեց։
Այս
մարմի՜նը,
–
ի՛նչ
արքայութիւն
կը
շինէր
որեւէ
անկողին։
Ու
զգայութիւնը
նիւթացաւ,
երկարեցաւ
ու
չգնաց։
Ու
տխուրը
ա՛ն
էր,
որ
փոխուեցաւ
դժնդակ
անդոհի
մը։
Վիճակներու
երկու
ծայրերը
երբեմն
իրարու
կը
միանան,
ինչպէս
օձի
մը
պոչն
ու
գլուխը,
երբ
կը
սալարուի։
Ու
մենք
չենք
կրնար
զանազանել
միջինին
կորուստը։
Վտանգի
շատ
որոշ
հեղեղում
մը
յաջորդեց
տեսիլքին։
Ու
երբ,
ուրիշ
անգամներ,
այս
հեղումն
ու
կործանումը
կը
նմանէին
փոթոր
ի
կին
յատակը
յօրինող
սեւութեան,
հիմա
կը
բարձրանային
դէպի
ճակատ
`
մինակնին
գրաւելով
հոգիին
տրամադրելի
բովանդակ
դաշտը։
Ու
երբ
ուրիշ
անգամներ
այդ
վտանգը
կարելի
կ՚ըլլար
խղդել,
առնուազն
շ
եղեցնել
անմիջական
ու
կարճ
շահերու,
հաշիւներու
խառնակոյտին
մէջ,
հիմա
կը
բռնանար
մօրը
հոգիին։
Երկրորդ,
չորրորդ
գիծի
նետուեցաւ
Նալպանտենց
տունին
համար
ժառանգ
ճարելու
դասական
հարցը։
Էակա՞նը,
–
բայց
ո՞ր
մէկէն
խուսափիլ։
Ամօթէ՞ն,
որ
ուշ
կամ
կանուխ
պիտի
մղուէր
տունին
ծակտիկներէն,
թափէր
փողոց
ու
անոր
աղջկան
մարմինը
ցոյցի
պիտի
դնէր
օտարին
թեւերուն
մէջ։
Ու
ասիկա
բարեբաստ
պարագան
էր
դարձեալ։
Ահաւոր
իր
փեսա՞ն։
Որուն
ստեղծած
պայմանները
աւելի
սեւ
էին,
քան
թուրքերունը՝
իրենց
հարեմներուն։
Էակա՞նը։
–
Մեղքէն
յետոյ
անխուսափելի
լքումն
էր,
որ
պիտի
ամայի
ըն
է
ր
անոր
անմիջական
շրջապատը
`
միս-մինակը
ձգելով
անոր
թերեւս
յղի
որովայնը
աշխարհքին
թուքին
ու
մուրին
դէմ։
Անոր
կեանքը
ա՛լ
կը
դադրէր
կարելի
պաշտպանութենէն
ու
կ՚իյնար
հասողութեանը
տակ
պատահարին
ու
բախտին։
Ու…
բայց
ինչպէ՛ս
մտածել։
Ու
դանակ։
Ու
տապար։
Ու
արիւն։
Ու
չուան։
Ու
գերեզման…։
Անդունդը
կը
խորանար,
առանց
որ
անոր
միտքին
լոյսը
յաջողէր
ընկերանալ
այդ
էջքին
ու
լուսաւորել
թանձր
ու
սեւ
ալիքը
գալիք
դժբախտութեանց։
Ի՞նչ,
ո՞րը
կը
սպասէր
իր
Աղուորին։
Վայրկեան
մը
անոր
կարճ
խելքը
փորձեց
կամուրջ
նետել
խորխորատէն
ու
դատել
մեր
դժբախտութիւնը՝
ինքն
իր
մէջ,
դուրս՝
մեր
հագցուցած
բոլոր
ծեքծեքումներէն։…
Հինգ
տարի
անցած
էր
հարսնիքէն։
Զարմացաւ
կրկին,
որ
ետեւն
էին
անոնք,
այնքան
քի
չ
ուած,
աննշան
ու
փոշի՜։
Խ
ե
՜ղճ
կնիկ,
բայց
սուտին
մէջ
չէր
անիկա։
Մենէ
ամէն
մէկը
թող
ետեւէն
վերցնէ
իր
կեանքին
այն
պահը,
ուր
անոր
տրուեցաւ
խորագոյն
ցնցումը,
ու
դատէ՜։
Շարժումները
փոշի
իսկ
չունին։
Բայց
անիկա
մանրեց
այդ
ժամանակը,
թել-թել,
ինչպէս
կ՚ընէր
բուրդի
կծիկին։
Ու
ըրաւ
զայն
անջատ-անջատ
գիշերներու
անողորմ
շղթայ
մը,
ու
անոր
ամէն
մէկ
օղակին
մէջ,
ինչպէս
օձի
մը
ձուածիրին
մէջ,
պառկեցուց
իր
աղջիկը,
անարեւ
իր
անկողինին
խորը։
Հզօր
սարսուռ
մը,
որ
կին
ըրաւ
այդ
սեռէն
վռնտուած
աւերակոյտը,
որ
պառաւի
մը
մարմինը
կը
կոչուի,
ու
այնքան
դաժան
կ՚ըլլայ,
սեռային
հեղանուտէն
չամոքուելով
իր
թոյնին
ժանգին
մէջ։
Մշուշի
պէս
բան
մը
պատեց
անոր
ուղեղը։
Ինչո՛ւ
եւ
որու
շահով՝
այս
անկրակ,
անվախճան,
անճողոպրելի
խարուկումը։
Մէկէն
դարձաւ
ասդին։
Աղջկանը
մազերը
կը
վառէին
կարծես
հեքիաթին
մորենիին
նման։
Ու
այդ
բոցին
վրայէն
կը
տարածուէր
միւս
ամայութիւնը,
ան
ալ
լեցուն
հիւսուածովը,
տ
նկուածքովը
նոյն
ժամանակին,
ով
գիտէ
որքա՛ն
տարիներու
ամբարէն
հանուած
ու
ամիսներու
կանգունովը
ձեւուած,
ու
նետուած՝
խորը
պարապին
`
կազմելու
համար
անգոյն,
անկրակ,
աներազ
իրականութիւնը,
այդպէս
մանրուած,
իրերատիպ
գիշերներու
յաջորդութեան
մը
վրայ,
այսպէս
այրելով
իր
աղջիկը
ողջ-ողջ
ու
չսպառելով։
Ի՛նք՝
որ
հաշտուած
էր
գրեթէ
անցած
զրկանքին։
Բայց
գալի՞քը։
Բայց
անհաշիւ
գիշերներու
այս
խելացնոր
արշա՞ւը
Աղուորին
վրայ,
ասեղներու
խուրձի
մը
պէս
բզկտելով
անոր
միսերը,
արիւնելու
չափ
խթանելով
բոլոր
հանգոյցները,
որոնք
յուզումներու
կծիկները
կ՚ըլլան
մեր
մէջ
ու
կ՚ուզեն
։
Այս
դժոխքի՞ն
համար
էր,
որ
ծուծէն-ծուծէն,
իր
ամէնէն
բարակ
մասերէն
զատելով,
տարիներու
ընթացքին
շ
իներ
էր
սա
մարմինը։
Գեղին
մէջ
նմանը
չունէր
այս
դժբախտութիւնը։
Ամուլ
արգա՞նդ։
Բայց
ատիկա
բաղդատելի
իսկ
չէր
աղջկանը
անկողինին։
Անսփոփ
ու
անյատակ
անոր
գիշերները
մէկէն
բազմացան
ու
խուժեցին
իր
վրայ
`
բռնաւոր
ու
դաժան։
Գրեթէ
ձեռքով
փորձեց
պաշտպանուիլ,
այնքան
իրաւ
էր
այդ
գրոհը։
Ու
գոցեց
աչքերը։
Երբ
բացաւ,
աղջիկը
մօտ
էր
լալու։
…
Քանի՞
րոպէ
նայեցաւ
այդ
լալահար
պատկերին։
Պիտի
չյիշէր։
Բայց
իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
շատ
երկար,
օրէ
մը
աւելի
երկար
քալած
մարդու
մը
չափ
յոգներ
էր
անիկա
տեսարանէն։
Մինչեւ
իր
բերանը
բանալը,
ահաւոր
խօսակցութիւնը
սկսելու
համար,
ան
անցաւ
նուաղումի
եւ
պարզ
զգայարանքներով
զգալի
մահուան
մը
բեւեռներէն
`
օտար,
հեռու,
մօտ,
իրաւ,
սուտ,
ամէնն
ալ
իրարու
մէջ
ու
քակուած
ու
ցրուած
անբաւ
բանի
մը
սիրտը…։
Պիտի
չյիշէր
ոչ
մէկ
հաստ,
ոսկոր
ունեցող
մանրամասնութիւն։
Պիտի
չյիշէր
դարձեալ
շեշտը,
թոնը,
որով
ան
արտասաներ
էր
եղերական
սա
քանի
մը
նախադասութիւնները։
-Գիտե՞ս
ի՛նչ
կ՚ըսէ
կեսուրդ։
-Ի՛նչ
կ՚ըսէ։
-Կ՚ըսէ,
որ
Սողոմին
ծոցը
մտնաս
աս
գիշեր։
Ըսած
էր
անիկա
ու
շուարած
ոչ
թէ
անոնց
պարունակած
ամօթին
բեռէն,
այլ՝
իր
իսկ
յանդգնութենէն։
Ան
եղաւ
գրեթէ
շնչասպառ
ու
կապուտ։
Նոյնիսկ
անբանացած՝
պիտի
ըսէր
հոգեբոյժ
մը,
քանի
որ
անոր
երեսին
պաղ
ժպիտ
մը
դողդողաց,
եղաւ,
մարեցաւ,
իրարու
ետեւէ,
կապուտիկ
բան
մը
մէջը։
Աղջիկը
կեցուց
լացը
`
շանթահար
ու
կարմիր։
Նայեցաւ
մօրը,
անշուշտ
չհասկնալով
վերջին
նախադասութիւնը։
Այնքան
ճիշդ
է,
որ
մարդ
ուրիշը
մտիկ
ընելու
ատեն
ինքզինքն
է,
որ
մտիկ
կ՚ընէ
ամէնէն
առաջ։
Ու
բառերը՝
հաղորդուելու
համար
մեզի՝
պարտաւոր
են
նախապէս
տաքնալ
մեզմէ։
Այդ
վայրկեանին
Աղուորին
միտքը
հիմնապէս
օտար
էր
արտայայտուած
պատկերին։
Բայց
չուշացաւ
թափանցումը։
Բերանը
բռնի
բացին
կարծես,
այնքան
արագ
կզակները
լարուեր
էին,
օդի
անցք
մը
ճարելու
համար
պարպուած
կուրծքին։
Արիւնը
ի՛նչ
շուտ
հալածուեցաւ
անոր
երեսներէն,
որոնք
եղան
դալուկ
ու
տգեղ,
մորթէն
ուռեց
ո
ւորած
ու
բռնի
փակցուած։
Մէկ
ձեռքը
ան
տարաւ
աչքերուն
`
բան
մը
վանելու
բնազդական
շարժումով։
Մօտ
էր
մարելու։
Մայրը
ետ
եկաւ
իր
ապուշ
ժպիտէն
ու
ջանաց
խօսիլ։
Երրորդ
անգամ
անոր
լեզուն
դիակի
մը
պէս
մխ
ո
ւեցաւ
կոկորդէն
դարվար։
Անոնց
աչքերը
կը
վախնային
իրարմէ։
Ու
տարօրինակ
էր,
որ
հոգիով
իրարու
յառած՝
անոնք
չկարենային
խօսիլ։
Բայց
տեսնէին,
իրարու
վրայ
սեւեռուած
`
իրենց
ցաւը
ու
ամօթը,
յստակ
ու
զատ-զատ։
Մնացին
լարուած
դէմ
դէմի,
ահաբեկ
ու
դժբախտ…։
Երբ
ինկաւ
արիւնի
այս
սառումը
ու
կեանքը
վերադարձաւ
անոնց
պարպուած
երակներուն,
անոնք
ջախջախուած
էին,
բիւրեղէ
գաւաթներու
նման,
որոնց
սառոյցը
կը
հալի
եւ
մարմինն
ալ
կոտրած
կ՚իյնայ
վար։
Ժամ
մը
ետքը,
որ
տարիի
պէս
դառն
էր
ու
արճիճ,
մայրը
մեկնեցաւ
տունէն,
մամուկ
ը
պինդ
ու
աչքերը
գետնի
քարերուն,
մարդու
հետ
խօսելու
հարկով
դողահար։
Օրը
տակաւին
հեռու
էր
կէսէն։
Հաւերը
իրարու
ետեւէ
ածեցին
ու
աղմկեցին
ու
քաշուեցան
շուքերուն։
Տունը,
արեւին
տակ,
եղաւ
հեւացող
ու
տխուր։
Անմոռանալի
կերպով
դժբախտ
էր
անոր
առաջին
հանդիպումը
կեսուրին
նայուածքին։
Խօսք
չունեցան,
չունէին։
Ժողվեց
հաւկիթները,
ջուրով
զովացուց
բակը,
առանց
գիտնալու,
որ
ներքին
կրակի
մը
կը
հնազանդէր
ու
ինքզինքը
կը
պաղ
շ
տկէր։
Յետոյ՝
կերա՜ն,
հարուստի
հաց,
որ
շատցաւ
երկուքին
ալ
լեզուին
վրայ։
Ինչպէ՜ս
կ՚ուտէին։
Անդրադարձան,
ամէն
մէկ
պատառի
զիրենք
այդպէս
լուռ
ընող,
եղերական
պատահարին,
բայց
չըսին
իրարու
եւ
ոչ
իսկ
վանկ
մը
այդ
ներքին
անդոհանքէն։
Վերցուց
սեղանը,
մեքենական
ու
հեռու։
Անիկա
կը
ծռէր
ու
կը
քալէր
`
առանց
գիտնալու,
թէ
ի՛նչ
էր
ըրածը։
Բայց
ամէն
բան
կատարուեցաւ
սովորական
շարքով։
Աւլեց,
մինչ
կեսուրը
կը
տնտնար։
Խօսքի
պա
տ
րուա՞կ։
Անշո՛ւշտ։
Զարհուրած
անոր
ձայնին
մտապատկերէն,
առանց
սպասելու,
ամէն
օրուան
նման,
անոր
որոշումին
եւ
հրամաններուն,
որոնք
յետմիջօրէն
կը
գործածէին՝
անիկա
ելաւ
վեր։
Քայլերը
երկաթի
պէս
դէգ
ու
պաղ։
Յոգնած
չարաչար,
ու
մէջքը՝
չէր
կանգներ
ետեւէն։
Հակառակ
Օգոստոսի
տաքին,
թարմ
ու
զով
բան
մը
կը
ցոլար
կարծես
պատերուն
երեսէն։
Մշտապէս
փակ
պատուհաններուն
շնորհն
է
ատիկա,
որ
կարգ
մը
տուներուն
հոգին
կը
շինէ,
մարդերէն,
այսինքն՝
հոն
ապրողներուն
գաղտնի
հոսումներէն
առնելով
իր
ծուէնները։
Աղուորը
մտածեց
Նալպանտենց
պաղ
ին,
ու
այդ
գիծով
իջա
ւ
էրկանը
պաղին,
որ
կը
բխէր
անոր
միսերէն,
չարչարուած,
ճմռկուած
ու
գանակոծ
ագռմէջէն
ու
սառուցիկ
հով
կ՚ըլլար
կռնակն
ի
վեր
ու
վար,
ակռաներուն
վրայ
սառուցիկ
սարսուռի
փոխուելով,
քսքսուող
ու
շօշափելի,
որ
կը
հնչէր
անոր
ակռաներէն։
Թօթուելու
համար
վրայէն
դուրս
պաղի,
սառի
այս
սուր
զգայութիւնը,
որուն
այնքան
ընտելացած
էին
իր
մարմինին
կարգ
մը
մասերը,
դատապարտուած՝
ընդունելու
այդ
հոսումը,
անիկա
անցաւ
բազմոց,
զոր
կը
գորգէր
հնօրեայ
բուրդէ
շալ
մը,
կապերտի
պէս
հաստ
ու
տօնական,
հաճի
աղային
ձիու
ծածկոյթը
եղած
ատեն։
Երկու
ձի
կը
վազէին
ոտքին
տակ
ու
վրանին
ձիաւորներ,
այլանդակ,
թուրք,
դանակով
ու
վայրագ։
Ու
վազեց
անոնց
ետեւէն
միտքը։
Ամբոխուեցաւ
անիկա
բոլոր
անոնցմէ,
որոնք
այդ
տունին
մէջ
ապրեր
էին
օր
մը,
իրենց
հզօր
ու
մեղապարտ
կեանքերը։
Սնամտութի՞ւն։
Բայց
անիկա
մտապատկերեց
հաճի
Էղսան,
որուն
նմանը
աղուոր
կարելի
չէր
հանդիպիլ
լիճի
շուրջի
բոլոր
գեղերուն։
Ելած
էր
ոտքի։
Ամչցաւ
ինքն
իր
յիմարութենէն։
Իր
ձեռքերը
անցան
իր
մարմինին
կա
ր
գ
մը
մասերուն։
Ետ
նետուեցաւ,
կարծես
կրակի
դէմ
բռնուած
ըլլային։
Ճերմակ
վարագոյրը
թեթեւ
խորշոմ
մը
խաղցուց,
զգալի
ը
նելով
ինքզինքը։
Հով
չկար
սակայն։
Իրերը
կ՚ապրի՞ն։
Անիկա
չէր
խորհեր
իր
շունչին,
որ
բուռն
էր
ու
հեւքոտ։
Մէկդի
ըրաւ
կտաւը,
որուն
գաղջ
հպումը
քաղցրացուց
իր
ափը։
Աւելի
տաքուկ
ապակին։
Բացաւ
զայն։
Ջերմ
ո
ւկ
ու
պարզ
բան
մը
ողողեց
իր
երեսները։
Նայուածքը
ինկաւ
Սողոմին
խուցին,
որուն
տանիքէն
կատուներու
զոյգ
մը,
քով
քովի,
իրենց
արդուզարդը
կ՚ընէին,
մէկը
թաւալուն,
կռնակին
սիւնը
քսելով
կղմինտրի
փոսին
ու
լզելով
պոչին
տակը,
միւսը
կատուին
դասական
դիրքով,
լեզուն
քսելով
մռութին
ու
պեխերուն։
Ու
արե
՜
ւ։
Ու,
աւելի
անդին
գե՜ղը,
մարդերը,
կիները,
հարսները…։
Շինուեցաւ,
առանց
իր
ուզելուն,
երիտասարդին
ալ
դէմքը,
լուրջ,
պարզ,
քաղցր։
Ու
ընտանի։
Ինչո՞ւ
այս
բխումը՝
այսքան
բնական։
Մտածեց
անիկա
դանդաղ։
Սուզուեցաւ,
որքան
որ
կրնան
կիները,
իր
ներսի
ջուրերուն։
Խաղաղ
էին
անոնք
իրենց
աւազանին
մէջ
ու
քաղցր
պղպջակում
մը
միայն
անոնց
մէկ
կէտին։
Ինչո՞ւ
չէր
սոսկար
տղուն
պատկերէն։
Ինչո՞ւ
չէր
ամչնար
մանաւանդ։
Ամօթի
այս
գաղափարը
զինքը
վերադարձուց
քիչ
առաջուան
իր
պայքարին,
մօրը
եւ
կեսուրին
հետ։
Կրկին
վրան
ինկաւ
այն
ջերմ,
հաւատաւոր
բանը,
որ
այն
ատեն
իրեն
ըսել
տուած
էր
իրաւ
ու
կտրուկ
բառեր։
Որքա՞ն
սրտանց
եղած
էր
իր
ընդվզումը։
Անցեալը
կազմելու
այս
աշխատանքը
վիրաւոր
էր
ու
կէսով
սուտ,
հիմա։
Կը
զարմանար,
նորէն
կը
ջանար
կազմել
անոնց
դէմքերը։
Բայց
չդիմացաւ
իր
կեղծիքը։
Ան
կը
դիմէր
անոնց
`
խուսափելու
համար
ուրուացող,
հզօր,
տարօրէն
գաղջ
ու
զինքը
գէջ
ընող
բանէ
մը,
պահը
դրուած
անկողինին
ծալքին
մէջ։
Նստող
կատուն
խածաւ
պառկողին
ծոծրակէն։
Ան
դարձուց
աչքերը։
Հատիկ
-
հատիկ,
արտասանեց,
շրթներու
մեղմ
շարժումներով,
պառաւներուն
փաստերը։
Ի՛նչ
տխուր
ծանրացում
էր
իրը
–
որովհետեւ
սուտ
–
անոնց
աղաչական
ձեւերուն,
օրհնէնքներուն
իմաստին։
Բայց
զգաց,
որ
սուտն
ալ,
միւս
բաներուն
նման,
ենթակայ
էր
քայքայման
ու
սպառեցաւ
վերբերումը
անոր
ծուէններուն։
Բեկուած
էր
անիկա,
վասնզի
կէս
ժամ
իսկ
չտեւող
այդ
վէճի
ընթացքին
անոր
մէջ
աշխատած
էր
միայն
ու
միայն
կեղծիքը,
զոր
ահա
նոր
կը
թափանցէր
ամբողջութեամբ։
Ու
ահա
դէպքերը,
իրենց
ամփոփ
գիծերուն
մէջ,
որոնք
տեսան
անոր
մեղքը
հիմա,
այս
անգամ
իրականութեան
լոյսին
տակ։
Մօրը
առաջարկէն
յետոյ,
նուա
ղ
ման
մօտ
իր
վիճակը
հետեւանքն
էր
զօրաւոր
յուզումի
եւ
բացատրելի։
Ճիգ
ըրաւ
ատիկա
տեսնելու
հարազատ
երանգի
տակ
ու
գտաւ,
որ
ամօթին
վերագրելի
ըլլալուն
չափ,
անիկա
կապ
ունէր
նաեւ
ուրիշ
զգայութիւններու
հետ։
Ինչո՞ւ
մօրը
բերնէն՝
նախադասութիւնը
իջեր
էր
իր
կեդրոնները
մինչեւ,
ու
իր
միսը
սարսռած
էր
ամբողջ,
վաւերական
զգացման
մը
ճպոտին
տակ,
որ
նոր
էր
անոր
ջիղերուն
վրայ։
Ատկէ
խոյս
տալու
համար
էր,
որ
վազեր
էր
անիկա
վեր,
այս
սենեակը
կրկին
ու
դուռը
կղպած
ետեւէն։
Ան
նայեցաւ
նորէն
անկուղպ
դրան
ու
թեթեւ
կարմրեցաւ,
վասնզի
իր
վրայ
խուժեց
իր
ըրածին
կեղծիքը։
Ան
ուզած
էր
այն
ատեն
լսել
մօրը
ոտնաձայնը
ու
խորապէս
տխրած
զայն
չունենալուն։
Խե՜ղճ
աղջիկ,
անիկա
չէր
գիտեր,
թէ
իր
զգայութիւնները
ճշմարիտ
են
ամէն
տեղ
ու
ատենի
համար
ու
սեռային
բնազդը
սուտ
չի
զարներ
իր
մուրճը։
Ամէն
բառ,
որ
կու
գայ
այդ
անդունդէն,
հարազատ
լեզուն
է
այդ
աշխարհին։
Մենք
կը
լսենք
զայն
ու
կ՚ուրանանք
`
հպատակելով
հաշիւներու,
ձայներու,
պարտքերու,
որոնք
կեանքը
դիզած
է
մեր
նեարդերուն
կարժառ
ին։
Անիկա
վախցած
էր
մօրը
յապաղումէն,
ելած
իր
անկիւնէն,
մօտեցած
կամաց
քայլերով
դուռին
եւ
ականջը
դրած
բանալիի
ծակին,
հոտուըտելով
ցանկալի
ոտնաձայնը,
սանդուխի
աչքերէն։
Ըրած
էր
անիկա
ատոնք,
ամչնալով,
բայց
անկարող
չընելու։
Ինչո՞ւ
կ՚ուզէր
մաման,
երբ
փախած
էր
անկէ։
Զգացումի
այս
քմայքները
երբեմն
կ՚աշխատին
մեր
մէջ,
բուն
զգացումը
փոխանակելու
աստիճան։
Անոր
սիրտը
տրոփեց
գոհունակ
զեղումով,
երբ
մայրը
պոռաց
բակէն։
Անցնող
ժամանակը
նշան
մըն
է
պառաւներուն
միջեւ
տեսակցութեան։
Ձայնը
թուլցուց
զինքը,
փոխանակ
յուզելու։
Ու
ոտքի
ելաւ
նման
մէկու
մը,
որ
կը
քալէ
կակուղութեան
ալիքներու
վրայէն,
բայց
չպատասխանեց,
այդ
հեշտ
բանը
փախցնելու
վախէն։
Ուրկէ՞
այս
քաղցրութիւնը
անոր
մարմինէն։
Ամէն
ինչ
կակուղ
էր
անոր
աչքին։
Ձեռքը
դրաւ
մղլակին,
որ
կակուղ
էր
կրկին։
Պիտի
բանար,
մինչ
կը
գոցէր։
Ձայները
բարձրացան
սանդուխէն։
Քայլերը
զոյգ
էին։
Կեսո՞ւրն
ալ։
Բացաւ
դուռը,
երկար
աղաչանքներէ
յետոյ
եւ
ինկաւ
մօրը
գիրկը,
քուրջի
կտորի
մը
պէս,
նուա
ղ
ման
նոյն
տեսարանումով։
Արթնցուցին
զինքը
`
ծեծելով
ու
կսմթելով։
Ու
չէին
գիտեր,
որ
քուն
կամ
նուաղած
չ
է
ր
անիկա։
Նալպանտենց
Աղուորը,
աւելի
ետքը,
պիտի
փնտռէր
պատճառը,
այդ
դերասանութեան
ու
պիտի
չգտնէր։
Խօսեցան
քիչ-քիչ,
տարտամ
ու
օտար
բառերով։
Երբ
սկսաւ
պատասխանել,
զգաց,
որ
կը
նեղուէր
մնալ
կրնալու
համար
իր
կեղծիքին
շղարշին
մէջ։
Վախցաւ
նոյնիսկ,
որ
ճիշդ
կը
տեսնէին
իր
հոգին,
ու
լացաւ,
առանց
որ
պատճառ
կենար։
Բայց
պառաւները
խոր
էին
սուզուած
իրենց
հոգին
մէջ
ու
լեզու
ճարած
էին։
Չունէ՞ր
արդէն
հաճի
Աննան։
Ան
թմրեցուց
հարսին
խղճահարութիւնները,
մեղքն
ու
հաւանական
բարիքը
կշռելով
արդարութեան
նժարին
մէջ։
Շատ
չէին
անշուշտ
փաստերը,
որոնք
գիրքերէ
բերաւ
անիկա։
Անհաս
են
Աստուծոյ
ճամբաները։
Ու
ի՜նչ
ուրախ
վստահութեամբ
անիկա
պարտկեց
մեղքին
աղտը
գալիքին
փառքով։
Ո՞րն
էր
Աստուածը,
որ
ժպիտով
պիտի
չընդունէր
մէկ
մեղքի
փոխարէն
հարիւրով,
հազարով
արդարները,
որոնք
Աղուորին
ցեղէն
կրնային
ծնիլ,
պիտի
ծնէին
անվրէպ։
Եսասիրութիւն
էր
դէմ
երթալ
Աստուծոյ
կամքին։
Ու
նկարէն
ու
անուշիկ
բառերով
պատմեց
Մարիամ
Մագթաղինացիին
հեքիաթը,
որուն
ամէն
մէկ
մազէն
մէյ-մէկ
մարդ
էր
թաւալեր
մեղքին
ծովը։
Իր
խօսքին
մէջ
կար
թեթեւ
ու
թռչտուն
բան
մը։
Կարծես
պէտք
կը
զգար
ամուր
ու
խորունկ
զարնելու։
Տարտամօրէն
թարմացնելով
իր
զգայարանքները
եւ
ընելով
ինքզինքը
քսանամենի։
Յետոյ
անցաւ
անիկա
ուրիշ
լարի։
Այս
անգամ
շատ
կորովի
բառերով,
ձեռքով
ու
թուքով
ան
ստեղծեց
խաղաղութիւնը
գայթակղութեան։
Վրան
առաւ,
խաչով
ու
երդումով,
կապուտուոր
Աստուածին
վկայութեամբը,
ինչ
որ
կրնար
գալ
իր
տղուն
կողմէ,
կարծես
անոր
թարգմանն
ըլլար։
Սո՞ւտ
կը
խօսէր
կատարուելիքին
մէջ
անոր
էրկանը
համ
ա
մատութիւնը
յայտարարելով։
Ապահովաբար
Սերոբը
դուրս
էր
այս
դաւադրութենէն։
Բայց
պառաւը
դեռ
կը
նայէր
իր
տղուն
մանկութեան
պարունակէն։
Մայրերուն
համար
տղաքը
չեն
մեծնար,
մինչեւ
որ
դաժան
փորձառութիւնը
մէկէն
ի
մէկ
չխորտակէ
այդ
սրտառուչ
պատրանքը։
Յետոյ՝
դիմում
եղաւ
Աղուորին
խելքին,
կեանքին
բոլոր
սեւութիւններուն։
Յիշեցուցին
իրեն
կռիւները,
որոնք
տեղի
կ՚ունենային
գերդաստանին
ընդարձակ
մարզարանին
վրայ։
Անոնց
իմաստը
պարզ
էր
բոլորին
ու,
մա՛նաւանդ՝
Աղուորին
համար։
Ի՛նքը՝
հ
աճի
Աննան,
այսօր
կար,
վաղը՝
ոչ։
Կեանքը
ապուրի
պտուկ
մը
չէ,
որուն
խուփը
(կափարիչը)
պահես
մատներուդ
հասողութեանը։
Ներկայացուց
իր
պարագան,
որ
շատ
հեռուէն
կը
մօտենար
պատահելիքին։
Ինչո՞ւ
չհաստատեց
ամբաստանութիւնը,
որով
հարուածեր
էին
մանչուն
ծնունդը։
Ոչ
մէկ
ատեն
անիկա
պիտի
ունենար
աւելի
նպաստաւոր
առիթ
իր
մեղքը
օգտագործելու
եւ
խղճմտանքէն
քիչ
մըն
ալ
թեթեւնալու։
Սո՞ւտ
էին
ըսածները։
Սուտ
կամ
իրաւ,
իրականը
ա՛ն
է,
որ
ոչ
մէկ
կին,
հոգ
չէ
պառաւութեան
շրջանէն,
պիտի
չխոստովանի
իր
արգանդը,
երբ
դրական
կամ
ինքնագովական
պատճառներ
չեն
դրուած
հրապարակ։
Կեանքին
անակնկալնե՜րը։
Ան
նմանցուց
ժառանգողներու
խիղճը
աղբիւրի
մօտիկ
սանդին,
որ
չ՚իմանար
քիւլիւնկ
ով
ալ
զարկէն։
Աստուած
ինք
պէտք
էր
հասնէր
անզաւակ
այրիներուն,
որոնք
իրենց
էրիկներուն
տունէն
դուրս
կը
դրուէին,
մուրացկան
մը
վռնտող
խստութիւններով,
կողոպտուած
նոյնիսկ
օժիտէն,
զոր
բերած
էին
մէրանցը
տունէն։
Օրինակնե՞ր։
Մատները
քիչ
եկան
ձեռքին։
Անուններու
–
մարդոց
ու
կիներու,
որոնք
իրաւ
էին,
դուրսն
էին,
կ՚ապրէին
հիմա
–
այս
թուումը
միտքերը
տարաւ
ուրիշ
սանդուխի։
Երեքն
ալ
շատ
լաւ
կը
ճանչնային,
տասը
տուն
վար,
դրացի
Լուսիկը,
որ
տասներկու
տարի
ամուլ
մնաց,
շատ
հաւանական
է
էրկանը
մեղքէն։
Ան
ալ
յղի
ինկաւ
տանը
ծառայէն
(պառաւը
վճռական
էր
իր
հաւաստումին
մէջ
ու
ձեռքով
դրածի
պէս
կը
պատմէր
դէպքը),
բայց
վերջը
վրայ
հասաւ
Աստուծոյ
ողորմութիւնը։
Էրկանը
պուկին
կոտրեցաւ
(հաճի
Աննան
երբեք
չկրցաւ
հաւատալ
բժիշկներուն)։
Անիկա
համոզուած
մնաց
պուկիին,
որ
մարդոց
ձեռքով
հանգուցուած,
պիտի
քակուէր
դարձեալ
մարդոց
միջոցներով։
Ան
օր
մը
օրանց
չկասկածեցաւ
Նալպանտենց
արիւնէն։
Չէր
ըմբռներ
արիւնին
ս
պառումը,
ի՛նք՝
որ
մահամերձ
այրերու
սերունդները
կը
դիտէր՝
բարգաւաճ
ու
արի)։
Վեց
հատ
մանչ
ժմնցուց։
Գէ՞շ
եղաւ։
Օճախ
մը
վառելը
տակառ
մը
մեղքէն
աւելի
կ՚արժէ
Աստուծոյ
աչքին։
Քանի՛
կը
խօսէր,
ա՛յնքան
կը
ջերմանար
ու
իր
հաւատքը
կը
փոխանցուէր
դէմիններուն։
Ան
վրան
առաւ
ծոց
ը
կարգադրելու
բոլոր
մանրամասնութիւնները։
Պիտի
պատրաստէր
Սողոմը,
որուն
վրայ
ոչ
մէկ
խօսք,
տակաւին,
երեքին
ալ
բերնէն։
Կարծես
տղան
շատ
կանուխէն,
տարի
առաջ
առնուած
ըլլար
պատահելիքին
մէջ։
Հաճի
Աննան
հազիւ
զսպեց
խոստովանութիւն
մը։
Բայց
երկար
վէճ
տեղի
ունեցաւ
սենեակին
ընտրութեան
համար։
Հաճի
Աննան
Նալպանտենց
անկողինին
անարժան
կը
գտնէր
Սողոմենց
Սողոմը,
որուն
գերդաստանը
դեռ
անուն
չունէր։
Կը
վախնա՞ր
նախնիքներէն,
հաճի
Արթինին
մտրակէն։
Աղուորը
յամառեցաւ
«ոտքը
չերթալ»
ու,
մա՛նաւանդ՝
չմտնել
խուցը,
ուր
շունի
մը
խշտիին
պէս
բան
մը
կը
ծառայէր
պառկելու։
Ե՞րբ
տեսած
էր։
Վիճաբանութիւնը
հոգեկան
յատակի
նորութիւններ
կը
պարզէր
ու
երեւան
կը
բերէր
կանխամտածուած
բաներ։
Ստիպուեցաւ
կարճ
կապել։
Տեղի
տուաւ
հաճի
Աննան։
Բայց
արգիլեց
գործածել
իր
տղուն
անկողինը։
Մայր
ու
աղջիկ
չէին
հասկնար
այս
նրբութիւնները։
Խնամի
Բաբէթը
գրեթէ
չխառնուեցաւ
այս
խօսակցութեան։
Սգաւոր
ու
լալկան՝
անիկա
շարունակ
քիթը
կը
չորցնէր
պոզին
պոչովը։
Անոր
աճապարանքը
մեկնելու՝
նեղեց
քիչ
մը
Նալպանտենց
տիկինը,
որ
ճամբու
դրաւ
խնամին
հազիւ
զսպուած,
անճառ
գոհունակութեամբ
մը։
Յետոյ
ելաւ
սենեակը,
ուր
գտաւ
Աղուորը
բազմոցին
անկիւնը,
պատուհանէն
դուրս,
տարուած
ու
մռայլ։
«Բերանը
վրայ
չգնաց»,
ինչպէս
կ՚ըսէ
ժողովուրդը
նման
վիճակներու
ատեն,
հակառակ
աշխարհք
մը
ըսելիք
ունենալուն։
Օրը
բաղնիքի
էր։
Ամէն
Երեքշաբթի,
կէսօրէ
վերջ,
անոնք
անփոփոխ
սովորութեամբ
մը
կ՚ընէին
այդ
պարտքը։
Բաղնիքին
վրայ
հաճի
Աննային
հաւատքը
անսասան
էր։
Ընտրած
էր
ուշ
պահը,
բաղնիքը
մինակ
ունենալու
եւ
իր
հարսին
այդ
պատկերը
մութով
տուն
տանելու
հոգերէն։
Հաճի
Աննան
ոչ
մէկ
հրահանգ
տուաւ
սակայն։
Նեղուելով,
հրուելով
ներս
ու
դուրս,
վար
իջաւ
ու
կը
դողար
սանդուխը
անոր
ծանր
ոտքերուն
տակ,
ինչպէս
կը
դողար
Աղուորին
սիրտը՝
ա՛լ
կապերէն
արձակ
ո
ւած
մեղքին
հարուածէն։
Այս
պատկերները,
խառնիխուռն
սահեցան
անոր
առջեւէն,
մինչ
իր
նայուածքը
չէր
բաժնուեր
կատուներէն,
տանիքէն
ու
անոր
տակ
սեղմուած
անձկագին
բանէն,
որ
երիտասարդի
մը
մարմինն
է
աղջիկներուն
դէմ։
Աշխատեցաւ
շինել
յստակ
անոր
ալ
դէմքը,
որ
խուսափուկ
էր
ու
անշրջագիծ,
բոլոր
արգիլուած
բաներուն
նման։
Տեսա՞ծ։
Ունէր
անշուշտ։
Միտքը
բռնադատեց։
Սա
վայ
ր
կեանին
տեսածը
տղայ
մըն
էր
`
պատանութեան
հովը
վրան,
բայց
հասակն
ու
կուրծքը
առատ։
Բայց
ուժով
ու
քաղցր։
Ինչո՞ւ
չէր
կրնար
զայն
ենթարկել
իրական
դիմակի
մը։
Յետոյ,
եկան
իր
լսածները,
տարտամ
ու
հեռուէն
եկողներու
պէս,
քիչ
ու
յոգնած։
Ամէն
կին
ունի
այս
պատկերին
ծուէնները։
Մեր
զգայարանքներուն
կառչած
ամէն
շիւղ,
զգայութեան
ամէն
ծիլ,
առանց
մեր
ուզելուն
կը
թաթխուի
սեռային
հոսանուտին
մէջ՝
մեր
կեանքին
գրեթէ
բովանդակ
տեւողութեանը
մէջ։
Յաճախ
կ՚անգիտանանք
այդ
խորհրդաւոր
երեւոյթը։
Մարդերու
մեծ
մասին
խնայուած
է
վերարտադրումի
տանջանքը։
Սիրահարը
մէկն
է,
որ
հին
բան
մը
կը
գտնէ։
Ու
ամէն
կին
իր
շփուած
պատկերէն
իր
անհաս
խորքերուն
մէջ
կը
պահէ
այն
ստուերագիծը,
որ
կարգ
մը
ընկուզենիի
կոճեր
բանտարկած
կը
պահեն
շրջապատէն։
Ու
եկան
Աղուորին
դեռ
ուրիշ,
նուազ
ծփուն
բաներ։
Համբաւը
անոր
ձայնին,
որ
կը
խօսուէր
պզտիկուց
եւ
յուզած
էր
ժամուն
բեմէն
ու
դասէն
հասուկ
կիները,
եւ
խթումներուն՝
հարսնցուները։
Պարզ
էր
իրեն
համար
անոր
նշանածը,
որուն
հետ
յաճախ
խօսած
է
ր,
չարաճ
ճ
ի
ու
հեգնող
եւ
որուն
վրայ
Սողոմին
մայրը
անսպառ
ըսելիք
կը
գտնէր,
երբ
կու
գար
Նալպանտենց
տունը
`
օգնելու
մեծ
գործերու
օրերուն,
–
լուացքի,
տաղաւարի,
շերամի։
Բարակ
ու
տխուր
եղաւ
անոր
աչքը
փոքր
պատկերին
ետեւէն,
որ
նշանուած
աղջիկն
էր,
մանկահասակ,
չգոյ,
թարմ,
տարուընակ
ու
տունկի
մը
պէս
բարակ
ոսկորներով։
Կը
խորհէ՞ր
անոր
հասցուցած
չարիքին։
Կոտրեցաւ
իր
մէջ
կիրքը։
Բայց
ատիկա
պահ
մը
տեւեց։
Սրբեց
միտքէն
այդ
ստուերը։
Տեղը
կու
գային
բեկորները
զգայութեանց,
որոնք
ինկեր
էին
իր
մէջ
գողունի
պահերէ։
Պատահական
ու
փախստեայ
անոր
նայուածքէն
տեսակ
մը
կարօտ,
տեսակ
մը
ըղձաւորում
կը
յառնէր
ու
կ՚ընէր
զինքը
երազուն,
մելամաղձոտ
ու
գողտրօրէն
լարուած։
Ատիկա
էր
անոր
անցեալը։
Մէկէն
հասկնալ
կարծեց
տարբերութիւնը,
որ
կար
Սողոմին
ու
անոր
նախորդներուն
մէջտեղը։
Երկրորդ
տարիին
նորոգումը
պարզ
եղաւ
իրեն։
Բայց
ի՛նչ
միամիտ
էր
ինքը։
Անոր
դարձան
հին
օրերը,
երբ
կեանքը
կու
գար
դնելու
իր
անջրպետը,
կիրի
խաւը
զգայութեանց
այս
ծալքերուն
ծոցը։
Միտքը
նորէն
նեղեց
`
պահանջելով
անկէ
յստակ
վճիռ
մը։
Ու
տեսաւ,
որ
երբեք
չէր
երազած
անոր
անկողինը։
Այս
ստուգութիւնը
փոխանակ
զինքը
ուրախ
ա
ցնելու,
դալկացուց
հոգեպէս։
Ինչո՞ւ
կը
ցաւէր։
Մշուշ,
հեռու,
խառնակ
ալիքը
իր
գիշերներուն
ու
ց
ե
րեկներուն։
Յետոյ՝
ինչպէս
ամպերուն
ծոցէն
լուսնակի
դէմք
մը,
ի՛նքը,
այդ
ամբոխումին
խորէն,
ատանկ
բխում
ու
թրթռում
ու
արգանդ։
Շին
ո
ւեցաւ
քաղցր
ծիածանի
մը
նման
աղեղը
անոր
բազուկներուն։
Երազը
այնքան
հզօր
էր,
որ
սարսռաց։
Ու
աչքերը
բացուեցան
բռնի,
բայց
չդիմացան
`
կրկին
փակուելու
համար։
Այն
ատեն՝
անիկա
առաջին
անգամ
ըլլալով
մեղք
գործեց
միտքէն,
բացատրութիւն
մը,
զոր
լսած
եւ
ըսած
էր
խոստովանանքի
ատեն,
առանց
թափանցած
ըլլալու
իմաստին։
…
Կոչնակին
երկու
ժամ
մնացած,
խուլ
կամ
աղմուկով
խառն
տեսարաններէ
յետոյ,
որոնց
մէջ
անիկա
իր
միջոցներուն
բազմութիւնը
գտաւ
ու
սիրեց,
գտաւ
ու
սիրեց
մա՛նաւանդ
երկուութիւնը
իր
մարմինին,
անիկա
գնաց
բաղնիք,
մռութը
կախ,
առանց
պայմանաւոր
ուտելիքներու,
առանց
հաճի
Աննային
կեսուրէն
մնացած
համբաւաւոր
ղենջակին։
Գլուխը
կախ
էր,
երբ
դուրս
ելաւ
տունէն։
Բայց
կար
անհուն
թեթեւութիւն
իր
հոգիին
վրայ։
Ու
կը
վախնար
անոր
հաշուոյն։
Ու
կը
դողար
շինծու
իր
դժգոհութեանը
վրայ,
որ
կարծես
կը
թափթփէր
անդամներէն։
Չհանդիպեցան
թոռներուն,
որոնք
աւելորդ
գտաւ
հաճի
Աննան
ու
«արգելք»։
Աղուորը
շատ
ալ
աղէկ
չհասկցաւ
կեսրոջը
այս
զանցառումին
իմաստը,
բայց
չհարցուց։
Չունէին
իրենց
հետ
մեծկակ
ծրարը
–
ծաղկանկար
պողչան
–,
որ
տուներուն
պերճանքը
կը
փոխադրէ
բաղնիք
եւ
նշան
կը
մնայ
անոնց
առատութեան,
երբ
կը
յորդի
հարսն
եր
ուն
անութէն։
Գողունի
ու
լռին
եղաւ
անոնց
ճամբան,
ու
արագ՝
հեւքի
բերելու
չափ
հաճի
Աննան։
Որմէ՞
կը
փախչէին։
Ծանօթներու
հարցումները
անպատասխան
թողուց
անոր
կեսուրը
`
չլսելու
զարնելով։
Անոնց
ինչո՞ւն
էր
պէտք
տղուն
եկած
ըլլալը
կամ
ոչ։
Աղուորը
տրտմութեամբ
կը
հետեւէր
այս
հարցասիրութեան,
բաղնիքի
ճամբուն,
ուր
սովորութիւն
է
կիներուն
բաղնիքը
կապել
իրենց
էրիկներուն։
Ու
երկու
հոգիով
եղաւ
անոնց
լուացումը,
գրեթէ
առանձին,
վասնզի
արդէն
մութ
կամարին
տակ
ձէթի
կանթեղը
վառեց
բաղնեպանուհին։
Անոնք
քաշուեցան
ամէնէն
անտանելի
սենեակը,
ուր
օրուան
հաստըցած
տաքը
եւ
աւելի
թանձր
հոտեր
շունչը
կը
բռնէին
լոգցողներուն։
Բայց
տագնապոտ
էին
անոնք
ու
դողուն։
Անոր
կեսուրը
կը
վախնար
հարսին
մերկութենէն,
որ
հազիւ
արատաւոր
ու
կարմրաւուն
մութին
վրայ
կը
սահէր,
անհասկնալի
ու
իրաւ,
շուքով
ու
ճերմակով
թրթռուն,
բայց
թրթռուն
մա՛նաւանդ
հսկայ
գաղտնիքէն,
որ
կը
տաղաւարէր
հոսուն
այդ
ձեւը։
Ան
կը
վախնար
ու
կարդալ
կը
կարծէր
գաղտնիքը,
որ
այդ
միսերէն
դուրս
կը
թափթփէր,
լպրծուն,
մեղաւոր
ու
անհերքելի։
Ան
անփոփոխ
կատարեց
բոլոր
աւուր
պատշաճի
օծումները
իր
հարսին
վրայ։
Նստեցուց
զայն
դասական
գ
ուռին
մէջ,
ո՞վ
կը
յիշէ,
քանիերորդ
անգամն
ըլլալով,
ու
մաքրեց
անոր
աղուամազերը
զգուշաւոր
եւ
հեռատես
հաշիւներով։
Գրեթէ
մութը
բռնած
էր
բոլորովին,
երբ
անոնք
դարձան
տուն։
Աղուորը
ներքին
շատ
խորունկ
թրթռումով
մը
ոտքը
նետեց
իրենց
սեմէն։
Դուռը
բաց
էր։
Սողոմը
ներսն
էր
ուրեմն։
Դրացիները
չկրցան
իսկ
նշմարել
պզտիկ
կապոցը,
անութին
տակ,
հազիւ
ուրուացող։
Իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
բակին
մութը
ողջ,
ներկուած
բան
մը
ունէր
այս
գիշեր։
Շատ
հեռուէն,
Սողոմին
խուցին
ուղղութեամբը,
բաց
դուռնէ
մը
կ՚ուրուանար
ճրագի
մը
բոցը,
որ
կարմրած
գամի
մը
պէս
կը
սրուէր
դէպի
վեր։
Վազեց
վեր
`
կապոցը
առանց
քակելու։
Վառեց
իր
սենեակին
մեծ
լամբը
ու
ինկաւ
հայլիին
վրայ
իր
երեսը,
բանուած
ու
քաղցր
կրակ,
ձիւնի
մը
յատակին։
Ինչո՞ւ
նայեցաւ
այս
պատկերին։
Գալարեցան
իր
զիստերը
ու
ձեռքը
ամրացուց
սիրտին։
Ակռաները
կը
բախէին
իրարու։
Վախցաւ
եւ
իջաւ
վար։
Չտեսաւ
տղան,
որուն
ձայնը
կար
`
ընդհատ
ու
անիմաստ։
Օճախով
սենեակին
դէմ
կեցաւ
անիկա
`
զարմանալով,
որ
քիչ
բան,
չըսելու
համար՝
ոչինչ
էր
փոխուած
իրերուն
տեղէն
ու
կարգէն։
Օդը
զով
ու
քաղցր,
պատուհանէն
կը
բերէր
դռնառաջքի
հոտերը
տապկոցներուն
ու
ձուկերուն։
Սպասեց
կեսուրին,
որ,
թիթեղէ
պզտիկ
լապտերը
վառած՝
մտաւ
ներս
սենեակէն։
Դրին
սեղանը։
Սողոմը
երեւցաւ։
Եկած
էր
հարցնելու
խուցին
բանալին։
Հաճի
Աննան,
շուարուն,
ցատկեց
տեղէն
արագութեամբ։
Առաւ
բանալին
առէքէն
ու
վարանոտ,
աւելցուց.
-Նե՛րս
էկօ։
Անոր
ձայնին
անայլայլ
միութիւնը
սարսուռ
բերաւ
Աղուորին։
Հարսը
տեղէն
չերերաց։
Անոր
ոտքերը
բռնուած
էին
վախէն։
-Ուշ
ենք
աս
գիշեր,
մեզի
հետ
կեր։
Տղան
ելաւ
դռնառաջքի
սանդուխէն։
Քաղցր
էին
քայլերը։
Սենեակը,
կարծես
մտերմօրէն
ու
բարի՝
ընդունեց
անոր
անձը
ու
այդ
իսկ
ներկայութեամբ
եղաւ
անիկա
ուրիշ,
հանդիսաւոր
ու
մռայլ։
Ինչպէ՜ս
դիւրին
կը
փոխուի
ամէն
բան
միակ
շ
ունչի
մը
յաւելումով։
Սկսաւ
ճաշը,
տարօրինակ
հանդարտութեամբ,
որ
երկու
կիները
կը
տպաւորէր
աւելի
քան
իր
տարողութիւնը։
Ոչ
ոք
կը
նայէր
ուրիշի։
Ու
չկար
մէկը
տեսնելու
համար
ինչպէ՛ս
կը
դողդղար
դ
գալը
երիտասարդին
մատներուն
մէջ,
որոնք
երկաթը
անգամ
կարող
էին
սանձելու։
Ու
կը
դողդղար
նորէն
դգալը
Աղուորին
ալ
մատներուն,
բարակ
ու
այնքան
հզօր,
երբ
սիրտի
մը
լարը
պլլուի
անոնց
իրանին։
Կը
դողդղար
տակաւին
տղուն
մէջ
շատ
ուրիշ,
նոր
բան
մը,
բայց
այնքան
ցած
ու
կամաց,
այնքան
ճնշուած,
նշմարուելու
վախէն։
Հաճի
Աննան
փարատեց
այս
պրկումը՝
նետելով
խօսքի
գօտիներ։
Տղան
բացաւ
իր
շրթները։
Պատասխանեց
մեղմ,
հաճի
Աննային
հարցումներուն։
Ու
անոր
բառերը
խելօք
ու
թարմ
էին,
ինչպէս
նոր
սիրուած
ամէն
առարկայ։
Երկու
երիտասարդները
իրարու
հազիւ
ակնարկ
ունեցան,
բայց
իրենց
ներսէն
արեւելուած
էին
իրարու։
Պատմեց
անիկա
օրուան
աշխատանքը,
ձիթենիներուն
վիճակը,
այգիներուն
գունաւորուիլը,
պարզ
ու
ընտանի,
իր
այնքան
գովուած
կոկորդին
համը
հագցնելով
իր
բառերուն։
Դանդաղութիւնը,
վարանքը
անհետացան
անոր
լեզուէն։
Երկու
տարուան
ընթացքին
անոր
մէջ
մթերուած
ընտանութիւնը
հոսիլ
կ՚առնէր
զուսպ
յորդումով։
Ու
տակաւին
անիկա
ոչինչ
գիտէր
կիներուն
հոգիէն։
Կերա՞ծ
էին
դանդաղ։
Սեղանը
երկարա՞ծ
էր
ինքնիրեն։
Անոնք
չէին
տեսած
ժամանակին
հոսումը։
Ախոռէն
կենդանին
արձակեց
իր
աղաղակը։
Կերը
կ՚ուզէր։
-Աստուած
պէրէքէթ
տայ,
-
ըսաւ
անիկա,
ծունկերուն
փշրանքը
թօթուելով
վալա
յին,
ու
ելլելով
ոտքի։
Անգամ
մըն
ալ
նայեցաւ
Աղուորին,
գողտր
ու
խելօք,
գրեթէ
երախտապարտ
իր
նայուածքը,
որ
լռին
ձայնի
մը
կը
նմանէր։
Անոր
ետեւէն
դուրս
ելաւ
հաճի
Աննան
ու
անոնց
քայլերը
հալեցան
մութին
ծոցը։
Աղուորը
ա՛լ
չտեսաւ
անոր
երեսը։
Երբ
փողոցին
վրայ
դուռները
փակուեցան,
Աղուորը
իր
անկողինն
էր
արդէն։
Ճաշէն
յետոյ
անիկա
կեսրոջը
հետ
խօսած
էր
ցածուկ,
քանի
մը
նախադասութիւն
ամբողջը։
Բայց
այս
բառերուն
ճնշումը
այնքան
հզօր
եղաւ
վրան,
որ
պարտադիր
ատենէն
առաջ,
ան
ստիպուեցաւ
իր
սենեակը
քաշուելու։
Հանեց
գլխուն
թռչնանկար
լաչակը,
բաղնիքի
յատուկ
ու
եղկ
իր
մազերը
ինկան
հոտաւէտ
ու
առատ։
Այս
խուժումը
թուլցուց
իր
միսերը,
որոնցմէ
դեռ
օճառի
եւ
օծումի
թեթեւ
բուրում
մը
կը
յամառէր
պտըտիլ
իր
շուրջը։
Եղաւ
անոր
ընկողմանումը
խռով,
բայց
տարօրէն
հեշտ։
Չէր
ուզեր
մտածել
ու
կը
ձեռնէր
ծիծերը,
որոնք
կ՚ամրանային։
Ան
լսեց
բակէն
մեծ
գերանին
քակուիլը
իր
տունէն
ու
զետեղուիլը
իր
միւս
տունին
մէջ։
Գեղի
երկաթ
փականքները
դեռ
ապահով
չեն
նկատուիր,
վասնզի
վտանգի
պահուն
եղած
են
տեղի
տուողներ։
Գերանը
ապահովութիւնն
է։
Անմիջապէս
յետոյ
ճրճռաց
խուցին
դուռը։
Ի՞նչ
ունէր
Սողոմը
հոն
մտնելու,
մտածեց
անիկա
ու
պաղեցաւ։
Բայց
դուռը
կրկին
ճրճռաց,
այս
անգամ
աւելի
խելօք։
Աղուորին
սիրտը
այնքան
ուժով
էր
դողը,
որ
ջերմահարի
պէս
ակռաները
իրարու
կու
գային
սառ
աղմուկով
մը։
Խուժումի
այս
զգայութիւնը
գրաւեց
զինքը
բոլորովին
ու
չտուաւ
անոր
ժամանակ,
հետեւելու
վայրկեաններուն։
Բայց
անոր
սիրտը
կեցաւ
մէկէն,
երբ
իր
սենեակին
դուռը,
մութին
մէջ,
բացուեցաւ
ու
գոցուեցաւ։
Գլխուն
էր
քաշած
վերմակը։
Բայց
առաւ
տ
ղան
իր
ծոցը
`
առանց
բերնէն
բառ
մը
հանելու,
ակռաներովը
խածած
շրթները։
Ան
սառած
էր
յուզումէն
ու
գրեթէ
զգայազիրկ։
ՎԵՐՋ
Ա.
ԳԻՐՔԻՆ