Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Փոխուած ոչինչ կար տունին մէջ։

Նալպանտենց Սերոբը կը դառնար այնպէս՝ ինչպէս գացած էր։ Այդ մասին ոչ մէկ կասկած պառաւին մէջ։ Գէրցա՛ծ, քիչ մը աւելի քան մորթին տարողութիւնը, համբաւով մածունի խորտիկէն, որ անոր նախասիրած կերակուրն էր քաղաքէն, իւղոտ, տապկուած լաւաշի վրայ մանր-մանր փրթուած։ Լեզո՞ւն։ Ջաղացք, քաղաքի բոլոր նորութիւններով։ Գովեստը, արդար ու թուքոտ՝ հսկայ բժիշկներուն, որոնք մեռելին հոգի կը դնեն ու տաք ջուրերուն, որոնց մէջ ամսուան կեանքը գեղին տասը տարուան հետ անիկա պիտի չփոխէր։ Նուէրներ, մօրը, կնկանը, լայն, բարի, առատ, զարմացնելու չափ տանը ծառան, որ կանչուած էր անոր ներկայութեան, կատարուած աշխատանքներուն համարը տալու եւ որ ամօթահար, բայց հետաքրքրուած, կը հետեւէր սա կռնծած, դրամին ժանգովը կռտուած (մալուած) մարդուն ձեռքերուն։ Ո՞վ փոխած էր անոր կծծի բնազդները։ Ու ի՜նչ գոհ էր անոր գէր ու երկդիմի երեսը։ Կատակներ ըրաւ սեղանին վրայ։ Ու՝ օգտուելով մօրը գործով դուրս ելլելէն՝ փորձեց համբուրել իր կինը, որ խօսքի, շարժումի անտրամադիր՝ սառած միս էր այդ պահուն, պարպուած ինքնիրմէ։ Ան չէր կրցած նայիլ խոր էրկանը աչքերուն։ Խղճի խա՞յթ։ Ո՛վ գիտէ։ Մեղքը, նոյնիսկ շղարշով զգեստաւոր, կշիռ ունի խղճմտանքի նժարին։ Ասիկա արդարները չեն, որ կ՚ըսեն։

Սողոմը յարգեց, այսինքն՝ կը հաւատար, թէ պիտի յարգէր բոլոր իր յանձնառութիւնները։ Իրաւ ալ, այգիէն դարձին, երբ անիկա հոտը առաւ ներկայ էրիկին, մռայլուեցաւ ու պառաւին ազդու միջամտութեամբ միայն գտաւ ինքզինքը։ Յետոյ՝ ինքզինքը հարկադրեց ո՜վ պատանիներուն հերոսութիւնը հաւատարիմ մնալու տրուած խոստումին։ Չերեւցաւ ճաշի ատեն, ինչպէս վարժուած էր ընել շաբաթէ մը ի վեր, հակառակ բռնաւոր կարօտին ու օր առաջուան այնքան գողտր զգայութիւններուն։ Ի՛նչ սիրտ առնող է համը սեղանին, որուն շուրջը կը բոլորուիս, սիրածիդ հետ, անոր շունչին մէջ։ Չելաւ խցիկէն, որուն դուռը կը դողդողար բարակ աղմուկներէ, ճոխ սեղանէն փրթած ու մոլորած, ինքզինքը խորտակելու չափ ճնշեց իր ջիղերուն վրայ, որոնք ուռած կը թուէին ու կը փորձէին պոռթկալ դուրս։ Գեղացին երակներով կը զգայ ու կը չափէ կիրքը։ Զսպեց սակայն։ Ու այս պրկումը ասեղ-ասեղ սողոսկումներ արժեց իրեն, ողնուղեղն ի վար։ Բայց զսպեց։ Այս յաջողութիւնը մանկան մը պէս ուրախ ըրաւ զինքը։ Մինչեւ Սերոբին պառկիլը, անիկա տէրն էր իր կիրքին։ Ականջը փակցուցած բալլիքի ծակին՝ ան կը հաշուէր քայլերը, կը ճշդէր ու կը դատէր ձայնի քաշքշուքները։ Ատեն մը յոգնած՝ աշխատեցաւ աչքերովը, լոյսի թելերուն վրայ։ Բայց եկաւ ատեն մը, ուր բակին վրայ, վերի պատուհանէն այդ լոյսն ալ հատաւ։ Լռեց տունը, կարծես լիովին մեռած։ Այն ատեն տեսաւ, որ ծունկի էր դուռին ետին։ Անոր սրտէն սկիզբ կ՚առնէր հուժկու որոտումը, որ կ՚անդրադառնայ գանկին երկու զառիթափերուն ու փոթորկահար նաւակի մը պէս կը ճօճէ մեր կամքը։ Ու բառական որոտում մըն էր, որ կը գոռար ականջներուն փողերէն։ Որ կը բաբանէր անոր կուրծքին տախտակը ներսէն դէպի դուրս։ Աչքերը՝ խոռոչներ, մինչեւ սիրտը ելք ունեցող խոռոչներ էին, ուրկէ կրակի թելեր ու լոյսի պղպջակներ կը հոսէին, առատ ու արագ, ու այրումի շատ յստակ զգայութիւն մը խանձածի պէս կը կսկծեցնէր իր կոպերը։ Ինչո՞ւ այս անձուկը, օդի պակասը։ Ու ահա իրեն այնպէս եկաւ, որ իր մէջ մէկի տեղ շատ մարդեր կային, կազմաւորուող իր մարմինին զանազան կէտերուն, բայց ունենալով ուրոյն յօրինուածք ու պահանջք։ Ու բազմութիւն էր ինքը, հին գիրքերուն լեգէոնը ։ Կեդրոնացած անհատականութեան այս ցրցքնումը, փախուստով, ստորաբաժանմամբ թեթեւացում մըն է ներքին ճնշումին դէմ գիրքերուն ապահովութեան սուբաբ ը։ Ընդհանուր բզզիւն մը կը համախառնէր այդ մասնաւորումները։ Ու կը նմանէին անոնք գայլի ակռաներուն, խոզերուն ժանիքին։ Ու անոնք սուր էին ու հերկող՝ դաշոյններու նման։ Ցաւի հետ կապուած այս զգայութիւններէն ինկաւ իրենց ժխտական մասը։ Մարմի՞նը կը վարժուէր։ Ու անոնք խենթեր էին, պատրաստ խուժելու, ո՛ւր որ հրամայուէր իրենց։ Թեւամբարձ՝ ելաւ ոտքի, ծնրադիր իր վիճակէն։ Թօթուըւեցան իրմէ զինքը մասնիկ-մասնիկ ընող բոլոր զգայութիւնները։ Բայց այդ խռնումը նեղ ըրաւ սիրտը, որուն քիչ կու գար անոր կուրծքին վանդակը։ Չտեսաւ ու չիմացաւ ինչպէ՛ս, ո՛ր ձեռքերով բացած էր խցիկին դուռը։ Բակն էր։ Հովը դպաւ իր քունքերուն, որոնք կը պոռային։ Աստղեր։ Լռութիւն՝ բայց զանգակի մը նուաղումն ի վար հնչումէն շինուած։ Թեթեւ լամբար մը վերի սենեակէն։ Ոչ մէկ շուք ճերմկիլ ուզող վարագոյրներուն վրայ։ Խածաւ ակռաները` ծամելու համար հայհոյութիւնը. յիշած էր Աղուորին կատաղի ընդդիմութիւնը լոյսին։ Հիմա՞։ Յուզումն ու բարկութիւնը այնքան զօրաւոր կ՚աշխատէին իր մէջ, որ քալելու համար դողացին ծունկերը։ Ո՞ւր կ՚երթար։ Չհարցուց բնաւ։ Մէջքին կոխած էր դաշոյնը։ Բայց երկաթին տուած ապահովութենէն աւելի՝ անիկա ուժ ու արիւնի խանձ կը զգար իր ակռաներուն ու դաստակներուն մէջ։ Բայց ոտքերը տարին զինքը։ Ի՜նչ ահաւոր էր աղմուկը ականջներէն, որոնք կը պոռային խօլարձակ, բազմաղաղակ։ Օճախով սենեակին առջեւ սարսռաց։ Մռայլ ձեւ մը կը զատուէր խորքի, սանդուխի յատակին միակտուր սեւէն։ Ուրուակա՞ն։ Պառաւն էր։ Մտիկ ընելով իր բնազդներուն ու քիչիկ մըն ալ դուրսէն լսածներուն, անհանգիստ, անկողինին մէջ չարչարակոծ գալիք աղէտներու հաշուոյն, իջեր-կեցեր էր հոդ, հսկողութեան տակ ունենալու համար վերնայարկին մուտքը։ Ան շարժեցաւ յստակ, քշեց տղան, մեծ մատովը, ուժգին, անողոք, անդիմադրելի։ Կը պատահի ասիկա, երբ մեր մարմինը շատ զօրաւոր մտածման մը պրկումին տակ կը տասնապատկէ իր կարողութիւնները։ Ծանօթ է արտակարգ ուժը խենթերուն։ Քշեց ետ, բակէն անդին, ու խոթեց խուցը։ Կղպեց դուռը ներսէն ու նստաւ գետին։ Այդ պահուն անոնք ունեցան այս պատմութեան սրտառուչ դրուագներէն մէկը։ Կռիւ չէր կատարուածը։ Անոնց ձեռքերը ոչ մէկ շարժումին բերին տեսարանին։ Կարծես պէտք իսկ չկենար լոյսի, թէեւ պառաւը պլպլացուցած էր խեղճուկ կանթեղը։ Բայց պահին վրայ գերակշիռ էր ձայնը։ Դաժան, բզիկ-բզիկ, նեարդները չորս դին գզգզուած բան մըն էր, որ անդադար կը հոսէր պառաւին բերանէն, այնքան քաղցր ու շնորհալի ուրիշ ատեններու։ Ան սկսաւ հայհոյանքով, անէծքներով, սպառնալիքով, հաստ, հաստատ, կարող, դուրս ինքնիրմէն, ինչպէս մէկը, որ կը պաշտպանէ սեփական պատիւը։ Այս մարզին՝ անիկա կինն էր, գեղի միջին կինը, որ դանակի պէս կը զարնէ ու կը փրկէ իր օճախին վարկը հասարակաց կռիւներէն։ Բարձր, անմեղութեամբ զրահուած, բայց լրբութեամբ ցուցադրուած իրաւունքին գիտակցութիւնը։ Քանի՛ կը խօսէր, ա՛յնքան իր անդամները կ՚ոգեւորուէին, սպառելու աստիճան անոր տկար, ուռած սիրտը։ Այս խոնջէնքը դարձուց անոր բերանը սովորական իր հունին։ Հանդա՞րտ։ Չէր կրնար ըլլալ։ Ու իրարու ետեւէ շարեց հսկայական երդումները, բոլորն ալ տղուն բերանէն քաղուած ու փունջ-փունջ դասակարգուած եւ որոնք դեռ շաբթուան մը կեանք իսկ չունէին։ Աստուած ի՛նչ կ՚ըսէր վերէն։ Ու երանելի պառաւը երբեք չէր սուտի մէջ՝ թէ՛ իբր մտածում, թէ՛ իբր զգացում։ Գործածեց անիկա իր ճարտասանութեան բոլոր զսպանակները։ Սողոմը կտրուկ պատասխաններ միայն ունէր, քիչ՝ բայց հաստատ։ Հետզհետէ, պառաւին հանգումին զուգահեռ, ան դարձաւ խօսուն, պահանջկոտ, բռնաւոր։ Բայց բառերը չեն դադրիր բառ ըլլալէ, այսինքն՝ ուզեն-չուզեն կը փոխանորդեն քիչ մը իրենց բացատրած վիճակները ու կը սպառին։ Ինչպէ՛ս չորցաւ անոր լեզուն, չդառնալու չափ բերնին մէջ։ Այն ատեն, կիրքին գալարափողէն իբր հեղում մը՝ սկիզբ առաւ անոր մէջէն հեծկլտուքը, որ ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ բառերով տրուելիք նախնական, անկաղապար տարազը, փոքրերուն, անփորձներուն մօտ յաճախադէպ։ Փոքր, այո՛։ Բայց համաչափ անոր մարմինին ու անհունապէս սրտառուչ, վասնզի կաղապարուած էր անոր զմայլելի հագագէն։ Կարծես այդ փղձկումը անվերջ անձրեւն ըլլար հոգիին։ Քիչ յետոյ բերանին հետեւեցան աչքերը։ Ու պատկերը կիզանուտ ընող ներքին տագնապն էր չլալու, իր նուաճումը զգալի չընելու սա կնիկին առջեւ։ Չէր գիտեր, թէ անիկա պիտի լար երիտասարդին առաջին արցունքը, որուն համը բախտ մըն է, որ անծանօթ մնայ մարդոց մեծ մասին։ Ան Աղուորը կ՚ուզէր։ Հիմա կ՚ուզէր։ Ամէն գնով կ՚ուզէր։ Պառաւը փաթթուած անոր երդումներուն, կը մնար պինդ իր ծունկերուն` ինքն ալ շուարած ու յուզուած։ Ան հաշուի չէր առած սա անկարելի, անխելք նախանձը։

-Խելքդ քեզի կանչէ, տղա՜ս…

Բայց տասնութամեայ տղուն մէջ թերեւս ատկէ դուրս շատ բան կարելի ըլլար գտնել։ Չկեցածը ատ կանչուելիքն էր միայն։ Պառաւը դպաւ կանթեղին, պատրոյգին խոռը 1 փրցուց-նետեց` քիչ մը աւելի պայծառութիւն գտնելու։ Օգնութի՞ւն կը յուսար լոյսէն։ Զղջաց չարաչար։ Աչքին առջեւն էր Սողոմենց Սողոմը, գեղին ձայնաւոր պատանին, հիմա վաւերական դիւահար մը, դէմքը հիմնովին խաթարուած, ու պատրաստ՝ մէջտեղէն ճաթելու։

-Կնիկն անորն է, Սողո՛մ։

-Անո՜րը…

Չէր կրցած հեգնական չընել այս բառը։ Բայց կրկնեց։ Հեգնութեան այդ շղարշին մէջէն դժուար չէր գուշակել Սողոմին բանաձեւած իրաւունքը։ Պահ մը լռեցին։ Ու լպրծուն, բաբախուն այդ օրը կը կոտտար, վիրաւորուելով պատրոյգին նորոգուած ակռաներէն։ Ու նման էին երկուքն ալ իրարու։ Ու նման՝ այդ գիծէն՝ նաեւ ուրիշներու, լացող կիներու, որոնք մեռելը կը շրջապատեն ու, ողբէն ընկճուած՝ կը դադրին պահի մը համար, ու կը մնան պաղած՝ պառկողի դէմքին, առանց զգալիք ու մտածելիք բանի, այնքան անիրական, անկարելի կը թուի իրենց ինչ որ պատահած է առջեւնին։ Հեռուներէն եկաւ անոնց շան մը կաղկանձը։ Ամբողջ երկինքը ուրիշ բան չըլլար։ Յետոյ նուաղեցաւ կրկին պատրոյգը։ Ձեւերը կը դանդաղէին։ Սողոմը ելաւ ոտքի։ Այդ ելքն էր, կը հագնէ՜ր վճռապէս երիտասարդութիւնը։ Անկէ կորուսած էր ա՛լ պատանութիւնը։ Տեղը կը յառնէր կարծրադէմ, ոճրագործ երիտասարդը, որ «ջուրի դրուած» կրակներուն ամէնէն խորունկին մէջ, պիտի քալէր ա՛լ իր ճամբան, անյողդողդ ու արի։

-Ո՞ւր։

-Վե՜ր։

-Խենթեցա՞ր։

Պառաւը նետուած էր ոտքի, իր կարգին։ Ու Սարսափը գլխագրեցէք ուզածնուդ չափ մեծ կը հագուեցնէր անոր մարմինը նոյնքան իրաւ խստութեամբ մը։ Տպաւորիչ եղաւ ան ու տիրող, որքան ներելի ըլլայ գործածել այս վերադիրը վաթսունամեայ կնոջ մը` ներսէն փտած ու յոգնաբեկ։ Երկարեց բուռը դէպի տղուն գօտին։ Ու հակառակ բուրդի վրայ ծռելուն՝ մատները կարծ էին ու հրամայող։ Ան յաջողեցաւ նստեցնել երիտասարդը, որ չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ մտիկ կ՚ընէր։ Տառապեցա՞ւ, որ մտիկ կ՚ընէր։ Բայց տաժանագոյն ցաւն էր անոր զգալ հեղումը իր իսկական խառնուածքին։ Ողորմելի ըսուելու չափ սրտառուչ էր անոր դէմքը հիմա, որ անոր սիրտն ի վար կեանքին գերագոյն յուզումը պարպած էր իր սկիհէն` զինքը խելամուտ ընելով մէկ ժամէն միւսը՝ մարդերուն անսրբագրելի ողբերգութեան։ Ինչպէ՜ս տեսաւ իր հայրը, սա անակնկալ յուզման մէջ։ Որքա՜ն փոքր, աննշան են բոլոր Ուստիանները եւ միւսները, որոնք լեզուով կը սիրեն։ Ի՛նչ անպատում կրակ էր ատ թափուածը։ Ու դատեց ալ իր պատահարը, որ խնայուած պիտի ըլլայ մարդոց մեծագոյն մասին։ Որոնք սիրտի ցաւ պիտի չունենան ու անցնին պիտի կեանքէն առանց արիւնի, թերեւս առանց արցունքի։ Հասկցա՞ւ այսքան կանուխ, ինչ որ կը զատէ մեր միւս ցաւերը սիրտին ցաւէն։ Աղքատութի՞ւնը։ Բայց գերեզմանին երկու կանգուն կտաւը նիւթն է եղած ժողովրդային իմաստութեան։ Շատեր անոր շուքէն՝ կը տանին աշխարհին լրբութիւնն ու պարապը փառքերուն։ Կրնանք զայն նետել ալ, տարտղնել ալ ժամանակին մէջ։ Ո՞ւր տարածել սակայն մեր սրտին սա թունաւոր ծաղիկը։ Թափանցումի այս գիծէն անոր մէջ ուրուացաւ միւս տիրական էջը իր պատանութեան, երբ իր կոկորդը կը հոսէր կարմիր ու հսկայ սարսո՜ւռը, ժամ մը յուղարկաւորները փղձկումի տանող այն անհաս վիճակը, որուն եթէ ոչ բոլորովին օտար, գոնէ լայն չափով անհաղորդ էր մնացեր, խողովակի մը պէս ծորելով սրբազան տրտմութիւնը, խունկով թառամած մահուան անձնաւորութի՜ւնը, դագաղներուն վերջին քայլէն առաջ ողջերը երկինք փոխադրելով։ Ու իր պզտիկ խելքը իրարու մօտեցուց երկու արցունքները. մէկը՝ զոր կու լանք կնոջ մը ծոցը, եւ միւսը՝ զոր կու լանք մեռելի մը ծոցը եւ որոնց աղբիւրները իրարու հետ են այնքան յաճախ իրականութեան մէջ ալ։ Ի՛նչ ճնշում գործեց ուղեղին՝ զսպելու համար ճամբայ ելած արցունքը։ Կը զայրանար, որ չէր կրնար վանել իրմէն կսկծեցնող այն զգայութիւնը, զոր կ՚ունենան մեր միսերը, երբ կը բռնուին մաղմաղ կրակի։ Այս այրուցքի, տաղուելու, փշուր-փշուր «ճենճերելու» զգայութիւնները նոր կը հասնէին իրենց խորութեան ու կը բացատրէին հզօր կրակի մը լոյսին ընդմէջէն՝ պատկե՛րը երգին, զոր երգած, բայց չէր հասկցած մինչեւ այսօրը։ Կարծես սիրտը անցուցած ըլլային շամփուրի։ Ու կը զարմանար հարազատութեանը վրայ զգացումին, որ, աշուղին ընտանի, կը պոռար անոր բերնէն՝

Սիրտս լորի պէս խորվեցիր…

Ու կ՚այրէին զինքը։ Չար ու դաժան բաներ։ Ամէնէն շատ կը նեղուէր ան շրթներէն, որոնք մռայլ դողի մը մէջ կը կափկափէին։ Լուսնոտ նկատուելու չափ այս խիստ ցնցումները յոգնեցուցին մա՛նաւանդ անոր սիրտը, որ անհաւասար, խեղճ հեծկլտուք մըն էր, կարծես բաբախումը փոխադրած անոր բերնին։

Սեւ սէ՛րը, մտածեց հաճի Աննան, բայց չբանաձեւեց. լսած էր անով զարնուածներէն, որոնք կ՚ածխանան՝ առանց որ մէկը իմանայ։

-Ինչո՞ւ կու լաս, տղա՛յ։

Լացող չկար սակայն։ Ու բացագանչական հարցումը հրաւէր մըն էր. վարպետ՝ որքան արգահատագին, դէպի արցունքը, որ նման տագնապներու հոգիին ծովուն վրայ կը խորտակէ կիրքին կիկլոնը։ Գիտեն ատիկա հին ու նոր պառաւները ու կը ստիպեն լալու արցունքէ կտրուած աչքերը։ Շնչառութիւնը եղաւ անհաւասար ու ճչուն։ Յետոյ անցաւ դողը, ամբողջ հասակին։ Չիյնալու համար իջաւ ծունկերուն, որ չկրցան բռնել անոր իրանը։ Տապալեցաւ անիկա գետին։ Տախտակին հետ իր բիրտ շփումը կործանեց անոր «կապուածքը»։ Ինկած էր կուշտին, գրեթէ զգայազիրկ, բայց քայքայած այրուցքին լերդացումն ալ, ուր ընկղմելու վախը տարեր էր զինքը նուաղումի։ Դասական հարուածն էր (շատ ծանօթ՝ բայց անիմաստ ցաւը սիրտին, որուն տակ կը տեղաւորէ գեղացին բոլոր բուռն կսկիծները), որ կը խոցէր անոր սիրտը։ Անուն՝ ու սիրտին գաւառներուն՝ կեդրոն մը չունի այդ ցաւը։ Բայց յստակ է ան։ Ու ան բացատրելի ըրաւ, ակնթարթի մէջ բացառիկ կործանումներն ու բացառիկ ամբարձումները։ Հեքիաթը մատչելի եւ իրաւ էր անոր ուղեղին։ Մահը տալն ու առնելը նոյն գործողութեան կրկնակ երեսներն են երբեմն։ Սա վայրկեանին, ոչ իսկ թարթիչ մը շարժելու, ան կը մորթէր Նալպանտենց Սերոբը։ Ոճիրը գոյն ունի, պառկելէն շատ առաջ, դեռ մտապատկեր եղած շրջանէն։ Ու մարդ չի կրնար պարտկել այս ցոլացումը, փոսփորափայլումը՝ տեսնել կրցողէն։ Գեղին մէջ մահը, տարաժամ ու բռնի, գրեթէ ամէնօրեայ եղելութիւն է, որպէսզի վաթսուն տարիներէ անոր փորձառութիւնը, հաստատ ճանաչումը զետեղուած չըլլայ կիներուն ներսը։

-Ինքզինքի՛դ եկուր։

Երկրորդ անգամ դէպի գիտակցութիւն այս կոչը անօգուտ ըլլալուն չափ վտանգ ալ ունէր։ Երբեմն ոճիրին զարկը, այսինքն՝ զայն ստեղծող, լարող, առաջնորդող ջիղին սլաքը պարապին վրայ կը մարի։ Դուրսէն, ուրիշ անգամ, բառ, դէմք, շարժում այդ սլաքը իրենց կը քաշեն։ Գուցէ այս փորձառութիւնն է, որ սորվեցուցած է տարօրինակ դասը, հսկայ խենթերուն դէմ յաճախ լռութիւնն ու մեռելութիւնը կը գործածեն։ Սողոմը չպատասխանեց, չկրնալուն։ Այնքան ուժգին էր ոճիրին ճպոտը իր ջիղերուն վրայ։

-Դանկըտե՛մ պըտը…

Հարկ չկար փշուր-փշուր աղցուած այս բառերուն` ահաբեկելու համար պառաւը, որ կը ճանչնար կեանքը։ «Դանկըտելը» ամէնօրեայ արարողութիւն էր լիճին շրջակայքը, բոլոր հայ գեղերուն համար։ Այս մարդիկը կը մորթէին, ուրիշ բան ընել չկրնալնուն։ «Ելլալիք արիւն» բացատրութիւնը սովորական էր ու բաւ, փոքր կռիւներու ընթացքին, առնուած ու տրուած վէրքերը ամոքելու եւ փողոտումի չառաջնորդելու։

Նալպանտենց հաճի Աննան արիւնին չափ գուցէ կը զարհուրէր գայթակղութենէն, որ անտիպ ըսուելու չափ բացառիկ էր գեղին բարքերուն։ Հասկնալի էր կռիւը, ոճիրը, մահը, երբ կը սկսին դէմէ դէմ, օղիի սեղաններէն, սահմանի զանցումներէն կամ կոտրած նշանէ մը։ Հո՞ս։ Ու կը զայրանար, առանց զգալի ընելու, ջատուկ ու անխելք իր զայրոյթը։ Ինչո՞ւն էր պէտք։ Արտասանեց մտովի բանաձեւը։ Բայց զգաց, որ կեղծ էր իր վախը նոյնիսկ գայթակղութենէն։ Ինչե՜ր չէին ըսած իր ետեւէն ու երեսին։ Խղճմտանքի հետ հաշտուելու համար մարդ պէտք է քառսունը անցնի։ Անիկա գրողէն իսկ չէր վախնար սա պահուն։ Կեանքէն ձեռնթափ մարմինի՞, դիակի՞ հերոսութիւն։ Ո՜վ գիտէ։ Ամո՜ւր՝ աւելի քան երկաթը։ Այս գիտակցութիւնը թեթեւցուց զինքը կրկին ու նայեցաւ տղուն լացին։ Դասական ու այնքան սպասուած արցունքը կու գար վերջապէս աւլելու տղուն աչքերէն սեւ կրակը` զայն մօտեցնելով մարդկայինին սահմանին։ Իրաւունք ունի ժողովուրդը, երբ ոճիրը կը կապէ մեր մէջի կենդանիին։

-Ձեռքդ ի՛նչ կ՚անցնի, հէ՛յ օղուլ։

Իբր թէ դուրսէն նետուած բառեր ըլլային ասոնք, այնքան անյարմար անոր բերանին, բայց այնքան ալ անհրաժեշտ։ Երիտասարդը կրկնեց զանոնք մտովի. յետոյ մռլտաց՝ շրթներով։ Ու թուլցաւ անիկա, կոտրտուելով ինքն իր վրայ, նման մէկու մը, որուն գլուխը մամուռին տակէն կը հաստատէ ապառաժը։ Միտքէն չէր անցներ մեղքնալ, նոյնիսկ կաթիլով, Նալպանտենց Սերոբին, որուն էգ ու գէր մարմինը այնքան անհամակրելի կ՚ընէր արդէն անոր անձը։ Բայց խորհեցաւ բանտին, գուցէ կախաղանին, թէեւ պզտիկ այլուրութեամբ մը, անշրջագի՛ծ՝ ինչպէս մէկ երեսով մշուշի մը մէջէն։ Ոճիրը վախ չունի։ Բայց ի՜նչ ուժգնութեամբ, ի՜նչ պայծառ հոծութեամբ անիկա խորհեցաւ Աղուորին, որ բառ չէր անոր համար։ Ուրիշի՜ մը ծոցը։ Ընդմիշտ առնուած, հեռացուած իր բազուկներէն։ Ու այս պատկերները մտածում չէին, բանտին կամ կախաղանին պէս, անգայտ պայմանումով, այլ՝ կենդանի իրականութիւն, շաղուըւած իր արիւնին։ Ու անոնց կազմուելուն ու ջնջուելուն մշտանորոգ մեքենականութիւնը ցաւի մը պէս կը կոխէր իր սրտին, փոխն ի փոխ հոծելով կամ մեղմելով։ Անհրաժեշտ են այս թուլացումները, որպէսզի դիմանանք։ Մարմինը ինք իր ճնշումէն ալ կրնայ յոգնիլ։ Այս կարգի ուժաթափումէ ետքն էր, որ անոնք կրցան խօսիլ իրարու, աւելի հանդարտ։ Թեթեւ, պարապ հարցեր, մօտէն՝ առանց կապի՝ ողբերգութեան։ Սովորական։ Առօրեայ։ Խրատ չէր տուածը, ոչ ալ աղաչանք ու սպառնալիք։ Հաճի Աննան կը դնէր անոր առաջ շատ պարզ բաներ։ Անիկա խելքն ունեցաւ շահագործելու տղուն հոգեկան վիճակը, խորացնելու ու կազմաւորելու՝ անոր մէջ՝ այն մասնաւոր լինելութիւնը, ըլլալը, որ սեփականութիւնն է անձնիւր էակի։ Որով կը ճանչցուի մարդու մը հոգեկան գոյնը, հէնքը, յար եւ նման՝ մարմինին համար պատահածին։ Սովորութիւն է այդ գունաւորումին սկիզբը դնել մատաղ պատանութեան մէջ, ուր կը տրուի անոր հանդիպիլ մարդոց մեծ մասին համար։ Ո՞վ չէր ճանչնար Սողոմենց Սողոմը, հրեշտակի ձէնով, գառնուկի հոգիով ադ տղան։ Պառաւը կը հաւատար իր զգայութիւններուն։ Բռնկո՛ւմ։ Կոտորա՛ծ։ Անշո՛ւշտ։ Բայց ո՞ր մեծ ջուրը կը վախնայ անոնցմէ, երբ խենթեցած՝ կ՚արշաւէ իր հունէն դուրս։ Կ՚անցնին ամպերը ու հոսանքը կը դառնայ իր գողտր գեղեցկութեան։ Ան յանձնարարեց անոր չաճապարել, մտածել ըսելէ եւ ընելէ առաջ։ Կռի՞ւ։ Այո՛։ Ծեծկըւուքը մաս կը կազմէ գեղին կենցաղին։ Այդ վիճակներուն ընկերացող յուզումն ու ելեւէջը՝ հասկնալի։ Այդ է պատճառը թերեւս, որ տակաւին, մինչեւ ուշ ժամանակները, իրար դանկըտելէ անմիջապէս ետքը, գինիին սեղանը դարձող ու աղբօր պէս խմելը շարունակողներ պակաս չէին…։ Երբ պառաւը ելաւ անոր խուցէն, ապահով էր ատ գիշերուան համար։ Բայց խորապէս վրդովուն՝ յառաջիկայով, որ շատ ալ մօտ ըլլալու էր, քանի ան սեռային ասեղին կը մնար կապուած։ Ու «վառօդն ու բամպակը» դրուած էին քով քովի։

Դուրսը զով էր։ Օգոստոսի բանուած (ականակուռ պիտի ըսէր դասական բանաստեղծ մը) երկինքը սո՛ւտ եկաւ անոր։ Վասնզի, ի՛նչ ալ ըսեն, տեսնողը մենք ենք եւ ոչ թէ առարկաներն են, որ գեղեցիկ են։ Ան չտեսաւ, ամէն գիշերուան պէս, անկէ անդին փռուած արքայութեան ու դժոխքի պատկերները։ Իր ապրածը, խուցէն ներս, բաւ էր իրեն։ Ու ատ պատճառով ան հաճելի գտաւ այդ կէս-անուշ զովութիւնը։ Ետ հրեց մազերը, քիչ մը թաց, քունքերէն, ուրկէ ուժգին կը զարնէին բաներ, որոնք նոր կ՚որոշէր, մուրճի կշռաւոր հարուածներ տարածուելով հետզհետէ, զոյգ արահետներով, մենանալու համար կեդրոնը անոր ուղեղին։ Ատանկ զարկ, որ ցաւի պէս կոտտար, ան հաստատած էր բաղնիքն ալ։ Ծանր էր մա՛նաւանդ կուրծքը, ճնշուած գլուխէն։ Ատոր համար էր, որ վեր չէր նայեր։ Բայց սանդուխները չկրցաւ առնել սովորական քայլաչափովը, մէկ շունչէն։ «Սրտին տունը» նեղ կու գար։ Սանդուխն ի վեր ան գտաւ իր հոգին, ամբոխուած նոր ու դժնդակ բաներէ, վախ, հոգ, յոյս, բեկում, բոլորն ալ իրար անցան, տարտամ հիւսքի մէջ։ Ե՞րբ ու ինչպէ՞ս մտաւ անկողինը։ Հիմա չէր յաջողեր յիշել։ Բայց զարմացաւ, որ իր ձեռքերը կը շարժէին, առանց իր ուզելուն։ Երկարեց խեղճ ու խորունկէն զարնող իր մէջքը կակուղ բուրդին վրայ, ուր քնացած էր ատենին Նալպանտենց հաճի Արթինը, կամաց-կամաց աճող սարսուռի մը մէջ։ Հանգչելու սովորական զգայութիւնը կ՚ուշանար։ Փոխարէն՝ բուրդը կարծես սկսէր կարծրանալ, դառնալ աղի ու այրող։ Ան կը նեղուէր մարմինին մերկ մասերէն, որոնք շփման մէջ էին անկողինին հետ։ Բայց քիչ յետոյ զգաց, որ նոյն այդ այրուցքը, քերուըտուքը կար նաեւ իր ծակուծուկերուն ալ մէջ։ Անձկութեամբ սպասեց, որ հանդարտի սիրտը։ Բայց անիկա կ՚ամրանար, իջնելու տեղ։ Մէկէն, ականջներուն մէջ, անորոշ ու լուռ բզզիւնը ճշդուեցաւ։ Բանուկ ու խոշոր զանգակներ հնչումի անցան, շա՛տ, անընդմէջ ու պոռպռան։ Վտանգուած էր անոր անկողինը, որ կը դառնար գլխուն տակ։ Յետոյ՝ զինքը փաղաղող սարսուռը ատեն-ատեն կ՚աճէր, դուրս նետելու, ընդլայնելու համար անոր միսերը, որոնք դադրէին իրենց իմաստէն։ Ան կը շփոթէր ոտքերը՝ ձեռքերուն ու գլուխին հետ։ Բայց սաստկապէս կը նեղուէր շունչէն, որ արագ ըլլալուն հակառակ, չէր յաջողեր հանգչեցնել անոր կուրծքը։ Հիւա՞նդ։ Անիկա մտքէն պիտի չանցընէր նման յիմարութիւն մը, ոչ անշուշտ իր մարմինին վրայ իր մեծ հաւատքէն, այլ՝ հաւատքէն մա՛նաւանդ ձեռնարկին, ուր մտած էր Աստուծոյ հրամանով։ Մէկդի ըրաւ վերմակը սակայն ու դուրս հանեց աջ ձեռքը, որ ծանր էր, զատ, անծանօթ ու վրդովիչ ծանրութեամբ մը։ Նոյն այդ զգայութիւնը, աւելի զօրաւոր, եկաւ իրեն ձախ ձեռքէն։ Կարծր, գրեթէ ոլորուած ու ատանկ մնացած երկաթի զգայութիւն մը ատիկա, որ կը զարգանար ներսէն դէպի դուրս, ոսկորներէն մղուելով, որոնց սրինգները կը թուէին լեզու ելլել ու կապերը՝ թոյլ։ Չէր կրնար փոխադրել մարմինը նոյնիսկ թիզ մը անդին։ Ուզեց նմանցնել իր վիճակը սաստիկ ծեծ կերած ու մէկդի նետուած մարմիններու լքումին։ Կը ծանրանար սակայն, օրերով անքուն մէկու նման։ Իր միտքը կ՚աշխատէր բացառիկ յստակութեամբ։ Ան յիշատակէ մը ուրիշի անցքին կեցաւ։ Ու անոր ուղեղը պարպուեցաւ՝ ինչպէս շրջուող գաւաթ մը։ Յիմարութեամբ հաստատեց, որ անցնող երկու ժամերը կը կենային իր ետին, խոշոր, շատ հեռու, տարածուն, կարծես տարիներու պարոյրով մը։ Տարիներ ըսելը եկաւ անոր։ Կը պատահի ասիկա, երբ մեր մէջ ժամանակը թափի երկայնքին եւ ոչ թէ խորքին, ու կիրքերը, դէպքերը շարժելու, յառաջանալու տեղ կլորնան ու աճին, բայց դիմանան։ Շա՞տ կը զգանք, երկա՞ր կը զգանք։ Գուցէ հոդ չէ հարցը։ Հաճի Աննան կը գտնուէր շատ բացառիկ փոփոխութեան մը մուտքին։ Այդ երկու ժամերու ընթացքին անոր տրուած էր սորվիլ մարդերու սիրտէն այնքան շատ ու նոր բան, որքան չէին ճարած իրեն հասուկ տարիքի իր քառսուն տարիները։ Տեսաւ, որ զզուանքով, կատաղութեամբ կը հայհոյէր իր հարսին, այս անգամ կեսուրի հոգեբանութենէն հեռու անձկութեամբ մը։ Սիրտը կը մրմռար (ցաւէն կսկծալ)։ Ու ան կը տագնապէր թափանցումը ընելու այս մասնաւոր ատելութեան։ Մէկէն հասկնալ կարծեց, թէ ինչո՞ւ առաջին օրէն իսկ վախցեր էր հարսին մռայլ ու խոր գեղեցկութենէն։ Ու ակնթարթի մէջ պարզ եղաւ իրեն համար հինգ տարիներու իր մտահոգութիւնները, որոնց մէջ Աղուորին մարմինը յուռութքի պէս պտըտեր էր իր տունը, դուրսը, յստակ վտանգի մը բոլոր իրականութեամբը։ Իրաւունք տուաւ իր խելքին, իր զգուշողական հնարքներուն։ Մեղքը շուկայէն առնուելիք ապրանք է երբեմն։ Ու կիներուն հրապոյրը առաջին սահնակն է դէպի կիրքերուն ծովը։ Կու գայ պահը, երբ մեզի համար շրջագիծ ու կեդրոն չունեցող մշուշայնութիւն մը, լինելութիւն մը աջէն ու ձախէն քանի մը հրմշտուկով, պրկումներով, խտացում ու խաչաձեւումներով կը ստանայ իր խուսափուած իմաստը ու կը տեղաւորուի մեր մէջ թէ դուրսը, երբ կարելի միակ իրականութիւնը վաթսունի դուռներուն պառաւին տրուեցաւ այս դժնդակ հասողութիւնը։ Ի՞նք։ Անշո՛ւշտ հիմակուան սա խարխուլ, կոտտացող ու ցաւագար մարմինը չէր եղած միայն։ Ան չկրցա՜ւ չխորհիլ իր երիտասարդութեան, որ վերադարձաւ իրեն, սիրելի՝ բայց թշուառ, ճակատագրին բոլոր խոռոչաւոր դատարկութեամբը, նուազ հաւատարիմ, քան արձագանգ մը, աւելի սուտ, քան շո՜ւքը։ Ու ակռաներուն տակ աղալէն ինչ որ յիշատակ կը կոչենք, այսինքն` 40-50 տարիներու հեղեղ ու թարախ հիւսուածը, անիկա մօտիկն էր փղձկելու։ Իրա՞ւ։ Եղա՞ծ էր ինքն ալ այն կախարդութիւնը, համը, գինովութիւնը, որոնց վաւերական պատկերը կը դողդղար աչքերուն դաշտին, Սողոմին ընդմէջէն, Աղուորին մարմնին վրայով։ «Սէրէն անցնողը միայն գիտէ անոր ուժը» ըսեր են ժողովուրդին երգերը։ Ու յաճախ անոնք խոր ու իրաւ ըսին։ Նալպանտենց հաճի Աննա՜ն։ Հոս Մնամին աղջիկը։ Հէ՛յ ողորմութեանդ մեռնիմ, Տէր Աստուած…։ Ահա էրիկը, գերեզմանէն ելած, հիւանդ ու դեղին։ Տարաւ ետ, պատկե՜րը, մինչեւ դուռները փեսայութեան։ Ու փնտռեց։ Փնտռեց անիկա պահի ծուէն մը, թռչունի մը կտուցէն կախ ու փախստեայ ծուէն մը, ուր անիկա զգար։ Զգար՝ ինչ որ տեսեր էր սա տղուն աչքերէն։ Յուսակտուր ու անյստակ թշուառութեամբ մը ան ջանաց գտնել պահի, բառի, համի ու հրապոյրի հոգ չէ նոյնիսկ արցունքոտ ջերմութեան բեկորներ, որոնք թրթռային, լուսաւոր, բռնի, չջնջուող, բայց սրտառուչ, բայց ջերմ ու սփոփիչ։ Ոչ մէկ գիշե՜ր։ Ու ոչ մէկ ցերե՜կ։ Ոսկի՛ ու մետա՛քս։ Բայց ոչ մէկ անկողին ու ոչ մէկ մեծութիւն, որոնք մօտիկ դրուէին Սողոմին առաջացած խռովքին։ Ու այս զառիթափէն անիկա փնտռե՜ց նորէն միւս պահերն ալ, ուր շնորհն ըլլար իրեն գտնելու, ճանչնալու լայնքն ու ուժը սա առքին, խենթութեան, որուն մէջ ընկղմած կը քալէր սա տղան, իր հարսին քովերէն։ Ու թշուառ ու տխուր էր բանգէտ, յաջողակ, լեզուանի ու նախանձուած պառաւը, լալու աստիճան, այն պատճառը պարզ, բայց անհաւատալի ցաւով, որ մեր ծերութեան, անկարութեան վկայականը, զինանշանը կ՚ըլլայ, մեր ներսի խորշերուն վստահուած։ Հազար հատ Նալպանտենց Սերոբ, Կարապետ, իրենց բոլոր սալթանաթ ովը չէին կրնար հակակշռել սա աղքատիկ տղան, որ իր սրտէն դուրս ոչինչ ունէր աշխարհին վրայ։ Ի՜նչ անփոխարինելի բան է ժամանակը, ժամանակին ալ մատաղ մասը, երբ հարս ենք կամ երիտասարդ։ Զոր կը վատնենք այնքան յիմար։ Ի՜նչ տարօրինակ նշխարք է ատ յուռութքը, զոր մեր օրերը կը կեցնեն մեր վրայ, անփոյթ լրջութեամբ եւ որ պառաւներն անգամ դղրդելու զօրութիւն ունի։ Սողոմենց Սողո՜մ։ Նալպանտենց Աննան, առանց վերադիրի։ Եղա՞ծ էր ինք ալ սա տղուն պէս, հրաշք ու դիւթանք, այնքան յեղյեղուած, բայց չտեսնուած կապուտիկ թռչունը, որուն հեքիաթը կայ, բայց ինքը՝ ոչ։ Ա՛ն՝ զոր աւանդութիւնը կը կապէ եղերական ու անկարելի դրուագներու։ Վա՜յ տեսնողին, որ պիտի քալէ արիւնի մէջէն։ Բայց վա՜յ չտեսնողին, որ խոտի մը պէս պիտի երկննայ փայտի մը կուշտին ու պիտի չորնայ անայց ու անխելք։ Պառաւը տարածեց բացուած ճեղքը, ու անկէ դուրս ալ՝ ասեղները իր մտքին։ Անիկա կ՚անգիտանար, թէ կը մտնէր մահացու հիւանդութեան մը հոսանուտին մէջ, որ մեր կարգ մը զգայարանքները կը լարէ բացառիկ ընկալչութեանց։ Ան կ՚անգիտանար, թէ մահուան իմաստութիւնը գերազանց է գիրքերուն բոլոր սորվեցուցածներէն. ու անոր մէջ մէկ գիծի կու գան իրեն պէս պարզերը եւ երկինքները չափող գիտունները։ Ան ընդունելու վրայ էր առաջին թաթը մահուան հարուածին։ Ու տարածեց պատահարը Սողոմին, ոչ ծոցի տղունը, այլ՝ սա խուցի սեւ սիրով մրկած տղու պատահարը, հանդիպելու համար ուրիշներու, որոնք տեւողութեան միաներկ պաստառին վրայ խորան մը, ուռեցք մը, զգեստ մը ունեցան։ Որոնք անուն մը, տեղ մը, թուական մը եղան եւ լացին ու լացուցին, կին, այր, երիտասարդ ու ծերո՜ւկ նոյնիսկ, որոնք զատուած էին կեանքին գորշ կտաւէն, պարտադիր առէջով, ու խա՜ղ, պատմութիւն շինած։ Ու խօսուած, անիծուած, նախանձուած, բայց սիրուած ։ Շինած մա՛նաւանդ արիւնոտ, անհասելի հեքիաթը, որ սիրտէ սիրտ ոստայն նետեց, օր մը դողդողաց արեւին ներքեւ, ծիրանի՜ ու մետաքս, սիրտերը բզկտեց ճակատագրին թաթէն հարուածուն ու մահուան մէջ սուզուեցաւ, բայց չթաղուեցաւ։ Ու ահա անոնք, երգի մը տուներէն, մէկիկ-մէկիկ։ Ի՞նչ կ՚ըսեն, ի՜նչ քիչ կ՚ըսեն երբեմն բառերը։ Մենք կ՚երգենք զանոնք, յաճախ թեթեւ ու այլուրային, առանց վերազգալու կայծակը։ Աստուծոյ կրակը, որ սուրի մը բերանով կամ եղունգներու դաշոյնով պատռտեց սիրականներուն ու ատողներուն սիրտերը։ Օտար ենք մենէ դուրս շատ բանի, գուցէ ամէնէն աւելի ուրիշին հոգիին։ Ու չենք տառապիր, վասնզի բախտ է, որ խնայուած է այդ թափանցումը շատ շատերուն։ Կը կքինք ուրիշին վայելքին ծանրոցներէն։ Կը սիրենք՝ վասնզի չենք ապրիր։ Սողո՞մը։ Այսպէս կը սիրուէին ուրեմն բոլոր անոնք՝ որոնց անկումները մեր ծիծաղին ծամոցը կ՚ընենք։ Որոնք կը պատուհասենք, բայց ներքնապէս խլուած դէպի անոնց զառիթափը։ Աշխարհին դատաւորները ամէնէն վաւերական ոճրագործն իսկ ստուերի մէջ կը ձգեն, իրենց անգիտակցութեան մէջ ճակատուած ոճիրներով։ Մենք մեր մատին կը փաթթենք սիրոյ մեղքերը ու կ՚ընենք ատիկա, երբ բաւական հեռու ենք մեհեաններուն շրջափակէն։ Ու կը գոհացնենք մեր անսրբագրելի առնութիւնը, երբ կը կախենք։ Նալպանտենց հաճի Աննան չէր դատեր։ Ռամիկն ու նրբացածը հաւասար կը տառապին իրենց կարգ մը մասերէն ու հաւասար ալ կը հասկնան այդ գիծով։ Անոնք իրարմէ կը տարբերին մանրերակի վրայ միայն։ Պառաւը գրեթէ կը քսուէր մեծ զարտուղումներուն ու անոնց առեղծուածին։ Ի՞նչ ըրին զինքը, որ մէկէն փլաւ իր իսկ հպարտութեան ծոցը, ինչպէս կրակի գուղձ մը, որ կը կոտրի ու կ՚իյնայ օճախին յատակը։ Տեսաւ, որ ինք, Նալպանտենց մեծ խաթունը, ամրազէն ու ապառաժի պէս հաստատ տիկինը, ինկած էր իր փառքէն ու կը չափէր վրիպանքը իր համբաւով կեանքին։ Սեռային զարթօ՞նք։ Ոչ անշուշտ։ Չոր խոտը ուրիշ ճամբաներով պիտի վերադառնայ այդ բախտին։ Բայց եղաւ անիկա շատ մօտիկը անոնց, որոնք տրամներէ անցան ու քակուեցան, քայքայուեցան։ Կը զգա՞ր ապագան, որուն հանգոյցը վերցուցած էր իր ամբարիշտ մատներով եւ որ կը մօտենար իր տունին հոգէառին նման` քալելով տանիքէ տանիք։ Ու եկան իր մտքին բոլոր այն «տուն ու տեղէ հեռու» վիճակները, որոնց վրայ խօսած ատեն իր բերանը սարսափ միայն հոսած էր։ Ու անոնք կը ստանային իրենց յստակ, մեկնելի դիմագիծը։… Ու կը նախանձէր անիկա, ա՛լ ծեր նախանձով մը, իր իսկ կեանքէն, որ անցեր էր աշխարհէն քիչ ու սուտ ըսելու չափ տժգոյն յոյզերով եւ որ փտեր էր, դեռ աւելի պիտի փտէր, ինչպէս Հայրապենց աղբիւրին հնօրեայ կոճը, ա՛լ որդնոտ ու ակռաներէն կրծուած, բայց ով գիտէ ի՛նչ զգալով, երբ արեւի փերթ մը կամ անձրեւի ու ձիւնի լեզուակներ խաղային իր ոսկրացած նեարդներով։ Ան ալ եղեր էր մեծատարած կաղնի։ Ու սիրե՜ր։… Անշուշտ, անոր միտքը չիջաւ մինչեւ այս անդունդները։ Բայց մարդկային ոլորտին վրայ անիկա կը հասկնար բոլոր ծերերը։ Ու դիտեց, որ չէր կրնար բաժնուիլ այս զղջահար զգայութիւններէն ու յուշերէն։ Հակառակ անոր, որ թեթեւ ասղնտուք մը ատեն-ատեն կը խոցոտէր անոր սիրտին չորս բոլորը։ Հաշուետուութի՞ւն։ Քաղքենիներուն կտա՞կը։ Անոր դէմքը թեթեւ մը լուսաւորուեցաւ։ Ինքզի՞նքը կ՚արդարացնէր։ Ան ունեցեր էր նորէն յուզումներ, մեծն ալ, փոքրն ալ։ Դրուագ, թուական, ամբոխին լեզուին վրայ պտըտած սուտ կամ իրաւ պատմուճանով մը։ Բայց պտըտեր։ Հապա ան ուրիշ հազարնե՜րը, պզտիկ իր գեղէն առանց բաժնուելու, որոնք մուշտակ մը չհագան ու տղայ մը չցանկացին։ Ու ելլելով իր գեղէն, հպարտ այն միլ ու միլիո՜ն արարածները, որոնք նոյն ողբերգութեան գրուած էին աշխարհի ամբողջ լայնքովը։ Որոնք կը ծծէին ու կը չորնային, ճիշդ դաշտի անանուն խոտերուն պէս։ Ո՜վ էր խելացին, որ կը յաւակնէր ոչ թէ գիտնալ, այլ հարցնել նոյնիսկ խորհուրդը այս ընդարձակ տրամին։ Գիշերը կը խորանար։ Պատուհանի մէկ ծայրին, լուսնի շեղբ մը դալկացաւ` ճերմկուկ խորքին իւղոտ փայլ մը ձեւելով։ Հրաւէ՞ր մը դանակի այս բերանը։ Իրերուն իմաստը յաճախ մենէ կը ստեղծենք։ Ելաւ ու նստաւ անկողինին վրայ։ Ու անոր սիրտին զարկերը գիծերու նման կ՚ոլորուէին միսերուն մէջէն, գէր տզրուկներ, իրենց դանդաղ սողքովը։ Տգեղ այս պատկերը նեղեց զինքը։ Ցաւի ուրուաստուեր մը փայլակեց ու անցաւ սրտին դուռներէն։ Ու անմիջապէս ետքը խաղաղ ջնջո՜ւմ մը, որուն մէջը սուզուեցաւ մեծ պատահարը, իրեն կապուած բոլոր ստրջանքներովը։ Անոր հոգին, այս պահուն, երկինքն էր, ամպերէ բռնակալուած։ Ու ասոր երեսին՝ խորունկ ակօսներ, ուրկէ կը հոսէր մէկ ու միակ վիճակը, ա՛ն՝ որ շինած էր ամբողջ ծրարը անոր օրերուն։ Ո՞վ, ինչո՞ւ ետ կը բերէր այդ փոշոտ ու դեղնած բանը, որուն վրայ իբր ծանօթութիւն ժամանակին մեծ վաճառորդներս կը սղագրենք գիներ ու թիւեր, մեր անցեալը, զոր չենք հանդուրժեր, երբ ներկայ չունինք։ Ո՞վ կը ստիպէր զինքը նայելու այդ վերբերումին, կապոց մը նետ, թոյնով ջրդեղուած, որոնք կը մանրագրէին իր օրերը։ Անոնք կը փրթէին ատելութեան հսկայ աղեղէ մը, որուն երկու սայրերը մխուած էին խոր սրտին։ Նայիլ մեր ետի՜ն։ Կ՚ընենք ատիկա, երբ հողը առնուած է ա՛լ մեր ոտքերէն։ Հաճի Աննային ետին կը կենային մահեր, կռիւներ։ Կռիւներ ու բաժինքներ։ Տղան ու անոր աճումը։ Աղջիկներ ու անոնց հարսնացումը։ Յետո՞յ։ Որքա՜ն քիչ էր իր բաժինը այդ ամէնուն մէջ։ Ո՞ւր էր ինքը։ Պատ մը ծակող քարի նման անոր մտքին վրայ յարձակեցաւ հսկայ բնազդը, ա՛ն՝ որ շինած էր իր տառապանքը։ Ան գտաւ, որ իր դառնագոյն վիշտերը կու գային իրեն՝ այգիներէն ու ձիթաստաններէն։ Հազիւ ուրուացաւ միւս տառապանքը, որ նետուեցաւ իր ոտքերուն, շուրջը իր փէշերուն ու պատիւին, երբ փորձեցին արատաւորել զայն ծառայի կտորի մը հետ` իր տղան վերագրելով օտար սերմի։ Անդի՞ն։ Ի՞նչն էր լեցուցած մեծ տակառը ժամանակին, որ իր մարմինին ձեւը ունէր ու կը մնար ետ։ Վաթսունի դուռներուն ան զգա՞ց մեծ վրիպանքը, որմէ շինուած եղան անոր օրերը։ Զաւակնե՞րը։ Բայց ունեցած էր զանոնք օտարներուն համար։ Քաշած անոնց հոգը՝ ու յանձնած անոնց վայելումը հազար օտարին։ Ու չանցած գոնէ ահաւոր գինովութենէն, զոր զաւկի մը մահը կը տարածէ մայրերու անզգածութեան վրայ երբեմն։ Ան դատեց ճիշդ՝ մեծ պարապը կեանքին, առանց բանաստեղծութեան ու առանց յաւակնութեան։ Ի՜նչ է կեանքը, զոր կը յօրինենք այնքան փոքր, բայց անյագ ու լեղի ախորժակներով։ Կեա՛նքը գեղացի կնոջ, որուն զգայարանքները այնքան մօտ են բակի կովին։ Որուն դերը հազիւ աւելի, զամբիկներուն ու մատակներուն իմաստէն։… Տժգոյն, խեղճ՝ խաղեր՝ ինչ որ անցած էին անոր ջիղերէն բաղդատմամբ սա զարհուրագին բանին, որ Սողոմին մարմինն էր եղած անցնող քանի մը ժամերու ընթացքին։ Ու ծեր իր օրերուն սա թշուառագոյն փորձառութիւնը կը ստանար իր ճիշդ կշիռը։ Մեղքնա՞լ, ան ալ օտարին տղուն։ Երբե՛ք։ Այցելեց անոր, պայծառ ու ժպտուն, մերձաւոր ապառնին, երբ պիտի նետէր զայն ալ դուրս ուրիշներու շարքին, Աստուծոյ ողորմութեամբը այն օրէն, ուր պիտի լուսնար, տունին մէջ, խոստումը ժառանգին։ Վաղանցուկ այս ամոքո՜ւմը սակայն։ Չզովացաւ անիկա ու աչքին դէմ, յամառ, կը տապլտկէր երիտասարդին հսկայ նախանձը, նման գլխատուած հաւու մը, որ կը չարչարուի, բայց չի կրնար մեռնիլ։ Ո՞վ էր, որ իրեն փսփսաց, թէ խաբեբաներ ենք բոլորս։ Բայց դառնութի՜ւն՝ որ կ՚ըլլանք ատիկա ամէնէն շատ մենք մեզի դէմ։ Մենք ոճիրները, սիրային տրամները, կարճ ըլլալու համար՝ գլխագիր Տառապանքը կը չափենք, գուցէ ուրիշ բան չկրնալնուս, դատաւորի հոգեբանութեամբ, այսինքն՝ առանց երբեք ճանչնալու ուրիշները, առանց ատոր փոյթն իսկ ունենալու եւ վճիռ կու տանք դատուողէն հիմնովին օտար, գրուած ու սրբագրուած պատգամներու գոհացումին համար։ Ու կը վարժուինք, տարիներու կրկնութեամբ, ստուերը փոխարինել, նոյնացնել անգամ, զայն արձակող առարկային հետ ու թուղթերու պէս կը խաղանք ուրիշներու վիշտերուն հետ։ Ու այս է, որ կը շինէ մեր կրթանքը, մշակոյթը, գեղէ մը կամ աշխարհէ մը՝ անոնց հոգեկան դէմքը։ Այս է պատճառը, որ այնքան սուղ ու քիչ ըլլան անկեղծութեան պահերը մեր մէջ։ Ու ըլլան դարձեալ առեղծուած՝ պահե՜րը, որոնց մէջ մենք կը հաղորդուինք օտարի ցաւին։ Բայց կարգ մը կողմերը, ու ամէնէն յանկուցիչները արդի մշակոյթին արդիւնքը կը մնան այդ առեղծուածային թափանցումին։ Արցունքին ջնջուած օրը աշխարհէն հսկայ բան մը պիտի պակսէր։ Խեղճուկ, պարզ կնիկ՝ հաճի Աննան շատ յստակ չըրաւ այս խելամտումը։ Բայց պղտորուեցաւ յատակէն։ Ան կը վախնար գութէն՝ առանց լսած ըլլալու հանրահռչակ առածը, որ այդ զգացումը կը շփոթէ սիրոյ հետ։ Մեղքնալը սիրել է կ՚ըսեն։ Թող ըսեն քաղքենիները, որոնք տառապանքը չհանդուրժելու, այսինքն՝ չմեղքնալու այնքան նոր ճամբաներ գտած են ու հսկայ անուններով շէնքերու մէջ արգելափակած են ցաւի կերոնները, հիւանդներն ու խենթերը` ազատելու համար իրենց եսը անոնց հետ աչք աչքի ըլլալու մղձաւանջէն։ Հաճի Աննան ատած էր միայն։ Ու արու է այդ զգացումը։ Անիկա դարձաւ իր վարժութեանցը բազմամեայ հունին։ Ցաւերը տարտամ, հեռուներէն փայլակուող՝ կը քալէին կամաց, բայց չէին զօրեր գրաւելու անոր զգացական կազմածները ու ան կրցաւ կեդրոնանալ։ Ահա գալի՛քը հաստ, մութ, գէշ։ Նմանցուցէք ատիկա փոթորիկէն դէպի մեզ մղուած մռայլ ամպին։ Նմանցուցէք ատիկա սեւ մշուշէ մը առնուած լերան մը կոնին, ուրկէ շառայլներ ցոլցլան, բայց չտիրեն տակաւին։ Ու կը տեսնէր անիկա այդ գալիքը, վտանգի երրեակ աղեղներով, հաւասարապէս շեշտ ու ահաւոր, ամէն մէկէն կախ ինկած առնուազն խուժդուժ մահացում մը։ Անոնցմէ մէկը լարուած էր արդէն Սողոմին ձեռքերէն։ Միւսնե՞րը։ Այսինքն՝ ինչ որ պիտի գար Սերոբէն։ Այսինքն՝ ինչ որ պիտի գար հարսէն։ Ի՛նչ որ լլկած էր զինքը շաբա՜թ մը ամբողջ, զօրացաւ կրկին ու վերածեց մէկէն իր անկողինը խոնաւ ու բռնկած բանի մը, սա պահուն։ Կը շարունակէր կուրծքը անձկանալ։ Ու անիկա չզգալու համար գրեթէ նիւթական մամուլը ամօթին, մէկ կողմէն հրուած դէպի լիութիւնը իր կեդրոնին, ականջները փակեց լաչակին պոչերովը։ Բայց ո՛ւր կրնայ փախչիլ մեր ուղեղը։ Խուժեց վրան, անսանձ ու ահաւոր, ծոցին առտուն, բայց մա՛նաւանդ օ՜րը, իր լեռնամեծ նեղութեամբը։ Ուրկէ՞ կու գայ բացառիկ յստակութիւնը կարգ մը յիշատակներու։ Ինչո՞ւ երբեմն ժամեր, նոյնիսկ ասոնց բեկորները անջինջ կը սեւեռուին մենէ ներս, շատ անգամ ի հեճուկս մեզի։ Ինչպէ՞ս ելեր էր ոտքի, պտըտելու, իր ճոխութեամբն իսկ ամպացած սա տունին մէջ, խօսքի, հրամանի, գործի հզօր պապակով մը։ Ինչպէ՞ս չէր կրցած ուղիղ նայիլ աչքերուն մէջը Աղուորին, որ, կծկուած ու մռայլ, երես էր շինած։ Ամբողջ այդ ցերեկը քալած էր անմեկնելի, անկանգնելի դժբախտութեամբ։ Ինչպէ՜ս կերած էին հացը։ Տեսաւ նորէն իր հարսը, որ մօտեցաւ սեղանին, խաչը հանեց ամէն օրուան նման, մտիկ ըրաւ պառաւին մաղ-մաղ (ծակ) Հայր մեր ը, բայց չկրցաւ բերանը բանալ հացին։ Յետոյ՝ երկուքն ալ զգացին աճապարանքը իրարմէ զատուելու, քիչ մը աւելի շուտ։ Չէր ցայտած ընտանութիւնը, որ հացին շնորհը կը մնայ ու կը հաշտեցնէ յաճախ մեծ քէները։ Հարսը ելաւ դուրս, անգիտակից յանդգնութեամբ թեւաւոր։ Պառա՛ւը՝ հրուած սեւ ու աղտոտ վախէ մը։ Փողոցէն չախորժող կնիկ, բամբասանքն իսկ անտեսելու վարժուած՝ անիկա ժամեր անցուց դուռէն դուրս, զիջելով օտար սաքուներուն, զբաղելով թոռներուն հետ, միջամտելով անոնց խաղերուն, ա՛յնքան՝ որ ուշադրութիւն հրաւիրեց։ Ոչ ոք մտքէն կ՚անցընէր տագնապը, որ կ՚եփէր զայն՝ ինչպէս փուռ մը կրակ։ Ան առտուն վազած էր ժամ, մոմ վառած ու աղօթած, բայց չէր դարձած անկէ խաղաղ ու կը մնար իր ծփանուտ կսկիծին մէջ։ Դրացիներուն հետ եղաւ պաղ, հակառակ իր ներհակ փափաքին։ Մեր ներքին իրականութիւնը անգամ մը որ անցնի հոգիին շրթները, անգայտ բուրվառումի մը պէս կը պարուրէ մեր արտաքին լինելութիւնը։ Կը խօսինք, բայց ջուրէն սուզուածի մը այլուրութեամբը։ Օտարները մեզ կը պիտակեն համաձայն այդ հեղեղումին` հաղորդական կամ ցուրտ դատելով մեզ։ Յայտնի է պատրանքին աղբիւրը։ Ինչո՞ւ խենթեցած էր գրեթէ Աղուորին հետ խօսելու պէտքէն։ Բացուի՜լ։ Որո՞ւ։ Մանկամարդ կինը, առանց պատճառի ու հնարքի, չտուաւ անոր այդ պատեհութիւնը, միշտ ըլլալով կախ-գլուխ, նայուածքովը՝ հեռու, ականջով՝ անտրամադիր։ Հաճի Աննան յստակ կը կարդար այս անտարբերութիւնը, «մեծամտութիւնը»։ «Ու աղջիկ քեզի կ՚ըսեմ, հարսնուկ դուն լսէ»։ Ան անիծեց բակի կենդանիները, թոռները, նոյնիսկ տան կազմածները։ Ու ան հայհոյեց, թեթեւ կրակէ ու գոյնէ, խնամի Բաբէթին հասցէին, որ ան առտուն ժամ չգալէն զատ՝ պարապ ետ էր դարձուցած զինքը «Նալպանտենց տունը» հրաւիրող պզտիկ մը, հիւանդութիւն պատրուակելով։ Բոլորը չունեցան՝ ինչ որ սպասումն էր հաճի Աննային։ Ստոյգը ա՛ն էր, որ տունին մէջ բան մը մեռած էր։ Ու կը զգար ատիկա, շատ պայծառ, հաճի Աննան։ Կատղիլ՝ կատղած էր անիկա։ Քանի՛ ժամերը յառաջացեր էին, ա՛յնքան այդ ցաւը, սուգը, կորուստը աւելցեր էին իրենց կշիռէն ու հաճի Աննան մինակն էր` դատապարտուած կրելու այդ ճնշումը իր վրայ։ Մինչեւ Սողոմին վերադարձը ան անցած էր տագնապին բոլոր աստիճաններէն, իյնալու համար ծառայով ստեղծուած խորխորատին մէջ։ Գիշերը ըրաւ զանոնք իրարու դէմ, արտակարգ լարումով, միշտ առանց բառի, միշտ իրարմէ խոյս տալու, բայց միշտ ալ իրարու հրուած վիճակի մը մէջ։ Տղուն ճակատման պահուն անոր ուժը, վճռականութիւնը լքեցին զայն, երբ սեղանը մէկտեղեց զիրենք։ Ու չկրցաւ խօսիլ Աղուորին հետ, որ չուզեց նայիլ ու լսել։ Ի զուր անիկա փորձեց հրահանգել հարսը յառաջիկայ գիշերով։ Ան փակուած էր արդէն ներս իր սենեակէն, սեղանն անգամ չվերցուցած գետինէն։ Ինչպէ՞ս անցեր էր ժամանակը։ Ու կործանած, առանց իսկ խորհելու, թէ ինչ կրնար պատահիլ, աւելի ճիշդը՝ պարպուած միտքէն ու ջիղերէն, ան՝ Նալպանտենց հաճի Աննան, ելած էր իր կարգին, տղայէն խուսափելով, փակուելու սանդուխի գլխուն, իր սենեակին խորը ընելով աչքերը կոյր, ականջները խուլ կրկնուելիք մեղքին դիմաց։ Երկրորդ առտուն, զարհուրած իր առանձնութենէն, սրտին քար դրաւ ու խօսեցաւ հարսին հետ։ Հրամանն էր մայրը կանչել։ Բայց ի՜նչ դառն, ճակատագրական էր այս սկիզբը։ Սրտառուչ տեղատուութի՜ւն, որ կը սպասէ ութսունէն ետքը, բոլոր ծերութիւններուն, երբ մարմինը, մա՛նաւանդ միտքը ա՛լ փլատակ մըն է եւ կը նետուի անկիւնի մը անկողինին։ Վաթսունի՞ն։ Հաճի Աննան կը հարուածուէր կեսուրի աւանդական ու նուիրական իրաւունքներուն մէջ, նախանձելի ու մեծ հոգածութեամբ տիրապետուած այն կարգ մը շնորհներուն, օրէնքներուն մէջ, որոնց հրապոյրը բաւական զօրաւոր է կիները քաշկռտելու համար մինչեւ դուռները անտանելի պառաւութեան։ Մինչեւ խնամի Բաբէթին գալը՝ անիկա ձեռքերը ծեծեց ծունկերուն` խօսելով ինքիրեն, վռնտելով կատուն, չախելով նոյնիսկ անշունչ իրերը, վարագոյրները, պոզը, անդրադառնալով իր յիմարութեան, մեղադրելով իր աչքըլած բնազդները։ Տեսնելու բան էր այդ ամբարտաւան ու նուաճող կինը, իր կործանումին սա պարզ պատկերին դէմ, ինչպէ՜ս կը նուաճուէր քիչ-քիչ, նուաստ, աղտոտ բեկումէ մը, որ մէկ հարուածով անկէ կը հալեցնէր քառասուն տարուան հպարտութիւն եւ վստահութիւն։ Երկու խնամիները, փակուած օճախով սենեակը, առատ անէծքներէ, աղօթքէ եւ օրհներգէ ետք, արժեցուցին իրենց մեղսակցութիւնը։ Անոնք վարանոտ ու տարտամ բանաձեւերու վրայէն հաշտութեան եզր մը գտնել փորձեցին, հարսին հետ վարուելու։ Ու թշուառ, ողորմելի էր հզօր պառաւը շատ աւելի՝ քան իր իսկ հեղինակած պատահարը։ Անիկա պատրանք չունէր կորուստին, իր բառովը՝ «թափուած»ին վրայ։ Ու անոր աչքին, ա՛լ կը մեռնէր սա տունը, իր «շէնքին ու շնորհքին» մէջ։ Մեռած մա՛նաւանդ չմեռնելիք միւս բա՛նը, որ տուն մը կը պաշտպանէ ներսէն ու դուրսէն ու կ՚ընէ անոր ոլորտը սուրբ ու խորհրդաւոր՝ ինչպէս պատսպարուած փեթակ մը։ Մեղքերուն ամէնէն հզօրը կ՚աճէր անոր ծոցը։ Ու վերի Աստուածը անշուշտ բանջար չէր քաղեր ամպերուն ետին։ Ով գիտէ ի՛նչ փորձանքներ ճամբու դրուած էին Նալպանտենց հասցէին։ Աչքը չէր կրնար ազատել ինքզինքը իր յիշատակներուն խուժումէն։ Ան հարսին հետ մնաց պաշտօնական։ Մինչեւ իր տղուն ժամանումը անոր դէմքէն փախաւ հեղինակաւոր ու խիստ հովը, որով տաղաւարուած ան կը պտըտէր փողոցէ փողոց, տունէ տուն։ Ունէ՞ր զօրաւոր պատճառներ, ինքզինքը տեսնելու համար նկուն այս վիճակին։ Իրողութիւն էր, որ բոլոր այդ զօրաւոր նկատուած պատճառները անգոյ էին Աղուորին։ Հարսը հեռու էր բոլորովին երես առած այդ հովէն։

***

Նալպանտենց հարսը փոխուած էր։ Բայց օտար գետնի վրայ։ Կեսուրը կասկածն իսկ չունէր այդ փոփոխութեան։

Ծոցին երկրորդ օրն իսկ, ան գտաւ, կարծես հրաշքով, անորակելի այն կնիքը, որով կը զանազանուին կիները աղջիկներէն։ Տակաւին պարմանութեան տարիներէն իր վրայ յամառող խակ ու գոց բանը, որ շրջապատին վրայ տեսակ մը կուսական պատրանք կը դիմացնէր ու կեսուրին առջեւ խիպ ու յարգանքի կը վերածուէր, մեռած էր մոգական հարուածէն, յանկարծակի ու արագ, վասնզի տարիքը միջամտած էր եւ համառօտած վարժութեան, ձգձգման բաժինները, որոնք օտար աղջիկ մը կտոր-կտոր նոր տունին վրայ կը հիւսեն, ու կին կ՚ընեն։ Սովորատի հարսները տարուան մը մէջ հազիւ կը ճարեն այդ ջնարակը։ Գնաց նորէն մանկունակ այդ հովին հետ միւս աներեւոյթ, բայց զգալի գոլը, որ սեռային մթնոլորտն է կնոջ մը շուրջը եւ կ՚ընէ այնքան ծփուն անոր փէշերը, գոլը՝ համադրուած ու հեղուող ճառագայթումին, արգանդին արեւներէն։ Որ կը թաւալի կնոջ մը յորձանումին մէջ ու կը տպաւորէ արուները անվրէպ, բնազդական ձգողութեամբ մը։ Ամէն կին կը լողայ այդ հոսանուտին մէջ։ Բացուեցան կապերը անոր երեսներուն, որոնք մանուկը կը դիմացնեն ու չեն պատռեր, փետտուիր համբոյրով կամ ատամներով։ Ու թռաւ վրայէն խրտչուն ու անխելք բռնուա՛ծքը այտի ու աչքի, որով ճանաչելի կ՚ըլլան, շատ հեռուներէն, իրենք իրենցմէ դողահար աղջիկները։ Կարծես նոր երեսներ, անոնցմէ՝ որոնք զգլխիչ համերու կը տարուին վաւերական, արնատիպ համբոյրներուն աղովը, եկան փոխարինելու պատռուածը, վերցուածը։ Ու կին եղաւ անիկա, հինգ տարիներ միս-մինակ ըլլալէ ետքը։ Ու քալել կրցաւ անիկա, մէջքը շիտակ, գերագոյն առանցքին ամրութեան մէջ ապահով։ Ու, մա՛նաւանդ՝ հարուստ, ողողուած՝ արգանդին ա՛լ ինքնաբաւ վստահութեամբը, անո՛վ՝ որ կինը կ՚առաջնորդէ գերագոյն իր հպարտութեան, իր իմաստին։ Այդ ձեւերով է, որ կը շարունակուի կեանքին անհաս պատրանքը օղակէ օղակ ու կը տեւէ գոյութեան խախուտ առասպելը, որմէ այնքան քիչ է գիտցածնիս։ Ու անիկա նայեցաւ աշխարհին պարտադիր իր նայուածքը։ Ու փոխուեցաւ անոր հոգին։ Հաճոյքը կ՚աւլէ ժանգը մեր զգայարանքներէն, որոնք կը նորոգուին ու կը նորոգեն մեզ։ Սեռային վայելքը գերազանց աստիճանն է այդ վիճակներուն։ Ներքին խնդում էին անոր աչքերը, դարձած միշտ դէպի ներս, ըլլալով նոյն ատեն զուսպ ու անտես կրակ շրջապատին վրայ։ Իր քովերէն թափառող քաղցրութիւնը կը լրջանար սակայն` առանց հերքելու խառնուածքին հոսումը։ Կ՚ըլլար անիկա ծանր, ու ատով՝ ա՛լ հանգչած կենդանին, որ, կտղուցէն յետոյ, մայր ը կը լուսապսակէ շատ հեռուներէն։ Ի՛նչ որ կարելի էր անսովոր նկատել իր մօտ, ճակտի, դէմքի, մա՛նաւանդ յօնքի գիծերուն այն խստացումն էր, որ կը հակասէր ընթացիկ օրէնքը, ա՛ն՝ որ ապօրէն որակուած գոհացումներու այնքան յաճախ դիտուող մեղմացման, փափկացման փաստերը կու տայ շնացողներու կեանքէն եւ զոր փորձառու կեսուրները, ճամբու ճամբորդներ, կը ճանչնան այնքան արագ։ Բայց հոս, բացատրելի էր այս զառածումը։ Մինչեւ վերջին շունչը Աղուորը պիտի չդադրէր ինքզինքը անմեղ հռչակելէ հանրային դատաստանին առջեւ։ Ու կը նայէր ան կեսուրին, հաստատ ու կորովի։ Կուշտ։ Բայց անոր ներսերէն, բացառիկ, անշրջագիծ խռովք մը անհաս մնաց նոյնիսկ գիտցողներուն ։ Եղկելի էր անիկա Սողոմին հետ, քով քովի ինկած պահերուն, օտարին կամ կեսրոջը աչքին առջեւ։ Հակառակ բուռն յանձնառութեանց՝ անիկա վրիպեցաւ ամէն անգամ, ինքզինքը կանգուն պահելէ, երբ տղուն ստուերը երերաց իր մօտ։ Ի՛նչ կ՚ամչնար ինքնիրմէ այս պարտութեան ու անոր հետեւանք կեղծիքին համար։ Կ՚ամչնար` լոյսին մէջէն մտաբերելով մութը, որուն մէջ կը փաթթէր իր նկատումները, աշխարհին սորվեցուցած ու պահանջած բոլոր յիմարութիւնները ու կ՚իյնար տղուն մէջ գինովի, մագնիսացածի մը պէս, աչքերը, շունչը ամուր գոցած, խղդուելու մտքով ծով նետուածի մը պէս, բայց հետզհետէ քակուելով իր պրկուածութենէն, գտնելով լոգանքին արձակութիւնը եւ վայելքին առքը, տանող՝ որքան անդիմադրելի։ Այս հակադրութիւնը չէր փախչեր անոր նկատառումէն ու կը չարչարէր անոր մաքուր, անփորձ մնացած հոգին։ Մինչեւ էրկանը վերադարձը պատահարէն ու անոր կապուած զգայութեանց այս հանդէսին անիկա ոչինչ խօսեցաւ մօրը, որ, մեղքէն ու անոր հետեւելիք անբախտութեանց մղձաւանջէն հալածական, կը զգուշանար մօտենալ անլուր արարքին։ Չխօսեցաւ դարձեալ կեսրոջը, որ Սողոմին վրայ իր գիւտերէն կը բարձրանար իր կառուցումներուն ու հաշիւներուն, ամչնալու չափ փոքրացած Սարեկենց աղջիկին դիմաց։ Ի՜նչ օրերու հասցուցած էին զինքը իր ընչաքաղց բնազդները։ Ու մէկիկ-մէկիկ անիկա մտքին մէջէն կը կանչէր անունները ամուլ հարսներուն, որոնք տուն ու տեղ կը պահէին, վարդի պէս կը հագուէին, փառաւոր ծերութեանց կը սահմանուէին՝ սպասելով արդար մահուան մը։ Ան կը նեղուէր ի հաշիւ իր ու բոլոր հարուստներուն, որոնք յաճախ կը մոռնան իրենց հոգիները ու միշտ առնուած կ՚ըլլան սադայէլին խայծերէն։

Էրկանը հետ Աղուորին անկողինը եղաւ նոյնքան ողբերգական, որքան եղած էր, նոյն պահուն, վարի խուցին մէջ ճակատումը Սողոմին ու հաճի Աննային։

Մռայլ, մտահոգ իրեն անծանօթ բանէ մը, գրեթէ աղջիկի մը պէս, որ առագաստ կը մտնէ՝ անիկա վերցուց վերմակը Սերոբին։ Անոնք փնտռեցին ու գտան, աւելի մեծ աստիճանի մը վրայ այն խանդը, որուն ա՛լ վարժուած էին, ամէն անգամ, որ էրիկը դառնար քաղաքէն։ Ասիկա իր պատրանքէն կոտրած ու պարպուած շօշափում մըն էր, ճմլըւում մը իրենց համար, որոնց կ՚ենթարկէին ուրիշ բանի անկարող իրենց խեղճ անկողինը։ Քաղաքին մէջ անցուած պարարտ, գրգռիչ շաբաթները, ջերմուկներուն, գեղերուն, պոռնիկներուն ու յուռութքներուն ազդած հոգեխօսական կրկներեւոյթը, ցանկութեան ու տարփանքի հզօր պատկերացումներ, հեռաւորութեամբ ուժովցած, ու կարօտով ջերմացած՝ իրարու կը միանային` ստեղծելու համար սեռային գործողութեան մնջկատակումը, որուն ճակատագիրն էր սպառիլ ու իյնալ անհուն սրտաբեկութեան մը վրայ։ Այսպէս էր ասիկա տարիներէ ի վեր։ Ու կրկնուեցաւ եղերական տեսարանումը, որուն մէջ դերակատարներէն մին իր դերը սկսաւ նոր ու յանդուգն խաղարկութեամբ մը` զարմացնելու աստիճան խաղընկերը։ Անսովորը ա՛ն էր, որ խաղը չքալեց դէպի պայմանադրական հանգոյցը։ Քանի մը վայրկեան հազիւ։ Նալպանտենց հարսը անհուն զզուանքով մը, զոր մէկ հարուածով գտեր էր ան, լքեց բեմը եւ քաշուեցաւ իր անկողինը` առանց բառի ծուէն մը հանելու բերնէն։ Անիկա զարմացուց իր էրիկը, մատնող, նոր, իմաստալից ու լեցուն իր շարժումներովը, որքան լռութեամբը, որ կը հոսէին անոր միսերէն։ Ան զրահուեցաւ իր պատեանին մէջ։ Չմեղքցաւ ամէն անգամուան պէս, անոր կործանումին դէմ, միշտ այնքան նուաստ ու վիրաւորիչ։ Արցո՜ւնք։ Պիտի սպասէր Աղուորին, որ իր մատները պիտի թաղէր անոր քրտնած մազերուն ու անոնց լուռ, հասկնալի լեզուովը պիտի ամոքէր անոր թշուառ, անկարող ամօթը։ Չպատասխանեց սակայն էրկանը կանչին, որուն բարկութիւնը մեղմ էր աւելի, ու հայհոյանքը՝ չէզոք։ Գրգռուած էր անիկա իրեն անծանօթ սաստկութեամբ մը, որ կը հարուածէր անոր կոպերուն տակերը, ու մինչեւ սիրտը, լացնելու չափ խիստ ասղնտուքով մը։ Ու նոյն այդ փո՛ւշ-փո՛ւշ զգայութիւնները, բոլոր այն կէտերէն, որոնց դպած էին էրկանը մատները եւ կը կճէին զինքը` նախատինքի մը պէս։ Տեւողութիւնը երբեմն կ՚աշխատի ի հաշիւ մեր յուզումներուն մեղմացումին։ Երբեմն կը համադրէ, կը կաղապարէ անոնց տարտղնումը եւ երկանաքարի մը պէս կը կախէ զանոնք մեր ներսէն։ Զսպեց անիկա ձայնին խուժումը, ուր կու գային բացուելու զայն խռովող խթանումները։ Ակռաներուն մէջ նետեց վերմակին ծայրը, մինչ աչքերէն կու գար ջուրը առատ, հաստ` թրջելով մինչեւ բարձը։ Սենեակին մէջ մութը կարծես ազդուած ըլլար ու մտած գաղտնիքին մէջը այս տառապումին։ Կը զգանք ատիկա յաճախ ու կը վախնանք։ Էրիկը փնտռեց լուցկին։ Չէր հայհոյեր՝ ինչպէս սովորութիւնն էր ընել։ Թեթեւ, սրտաճմլիկ հառաչանք մըն էր, աղկաղկ միսերու կոյտ մը։ Կարծես չեղող կանթեղ մը ըլլար, որ պլպլար սակայն, աւելի քան արգահատելի, էրիկմարդու լացին այդ փոփոխակը, որ դժբախտութեանց մէջ աւելի կը ճնշէ, քան հեռարձակ ճիչն ու արցունքը կիներուն։ Վառեց անիկա սիկարը կայծքարով, լոյսէն վախուն, չտեսնելու համար պատկերը դէմի անկողինին։ Ու պահէ պահ մութը կ՚արիւնէր անոր գլխուն շուրջը, կը շառաւիղէր ատրաշէկ գամերու մեծ գլուխներ, կայծկլտուն ու դիւրասահ, ճիշդ ինչպէս կը տեսնէր անիկա այդ խաղը դարբիններուն սալին։ Կը տարուինք այս անկարեւոր բաներով, երբ մեր աչքերը չեն բացուիր, չեն կրնար` բռնուած ըլլալով անորոշ, բայց լման, մեզ լիովին ընդգրկող զգայութիւնները։ Չելաւ անիկա անկողինէն։ Չկանչեց ալ։ Ու գեղին վրայ, գիշերը կ՚ըլլար քիչ-քիչ խորունկ ու միակտուր։ Տանիքներուն տակ օրը կը դադրէր իր զրկանքներէն ու հեւքէն։ Ու կը հալէր կեանքը ինքն իր մէջ ու պարապին վրայ։ Ինչո՞ւ միտքին ներկայացան քաղաքէն միասին դարձած քանի մը իրաւ հիւանդները, երկուքը բոլորովին թարմատի, նշանուած ու միամիտ, որոնք իրենք զիրենք կը պատրաստէին հարսնիքի, մինչ սահմանուած էին մօտաւոր գերեզմանի։ Մխիթարեց ինքզինքը ու հպարտ եղաւ իր մարմնով, որ այս տարի աւելի արթննալ գիտցաւ։ Յետոյ եկան տեղ առնելու ուրիշ հոգեր, վայելք ու տենչ, հողէն՝ իբր արտաքին իրողութիւն, կալուածներէն, որոնք մարդուն մէջքը կը քառապատկեն, առնելիքներէն ու բերքերէն։ Քնացաւ անիկա յոյսին ու տենդին սա փրթուճ խաղաղութեանը մէջ, որ մեզի կարելի կ՚ընէ ապրիլը։ Երբ Աղուորը առաւ անոր խռլտուքին այնքան ծանօթ, ատելի եւ թուլիկ շեշտը, քակեց կծիկը իր անդամներուն։ Կուրծքը լեցուեցաւ ազատ օդով։ Դիակի պէս այդ քունը անծակ էր ու անոր էրիկը չէր արթննար նոյնիսկ, երբ ոտքէն քաշէին ու տանէին։ Իբր թէ մինակ ըլլար՝ ան նստեցաւ, անհոգ, անկողինին վրայ։

Սահեցաւ վրայէն, խորխի մը պէս, կծկուած, ոզնիի իր կրաւորութիւնը։ Հանգչեցաւ կճրտուքը իր ակռաներէն։ Ճնշումէ այս քակուելուն յաջորդեց դաշն ու քաղցր լքում մը, անսովոր ըսուելու չափ հեշտ, ուր անոր մարմինը կը լուծուէր կարծես շաքարի գունջի մը պէս, սկսելով ընդհանուր պղտորումէն, վերածուելու համար շատ յստակ կեդրոններու։ Ու որոնող անոր մատները գտան հարցումներ իր միսերուն զանազան կէտերէն։ Փաթթեցին զանիկա շօշափելի, եղկ մուխեր, որոնք պայծառ լեզուներու պէս կը լզէին զինքը, շատ մասնաւոր ու արտայայտիչ։ Ո՞վ էր, որ իր վրան կը ղրկէր այս քսքսուքները։ Թօթուեց ինքզինքը, պատռտելու համար պատրաստուող գալարանքը, որ կը պրկէր անոր զիստերը, աճուկները եւ արգանդին խորը կը ծեծէր մուրճի մը պէս, յստակ-յստակ, բայց ջերմ, կսկծուտ։ Ու ահա աւելի անակնկալը։ Անոր միտքը ողողուեցաւ, նիւթապէս ու նոյնքան շօշափելի, Սողոմին պատկերովը, երկարած իր վրան ամբողջ ու պատանի, թարմ ու անխուսափելի, որ կը փաղաղէր զինքը` սեղմելով ու լայնելով իր մարմինը։ Տաքցաւ ու թրթռաց։ Տեսաւ, որ կը պատրաստուէր ոտքի ելլելու։ Մղումին տակն էր մտապատկերին։ Մտածո՜ւմը՝ յիմար ու տղայական, ելլելու սա սենեակէն` իջնելու համար Սողոմին ծոցը։ Զարմացաւ սակայն, որ բոցը եկեր ու անցեր էր ու հանդարտած էին իր զգայարանքները։ Ինչպէ՜ս եւ ո՜ւր գնաց այդ ամբոխանքը անոր ջղային կեդրոններուն։ Հանդարտ էր տղուն ոգեկոչումը, ու զերծ՝ հեշտական, սարսռագին այն հոծութենէն, որով լեցուն ունէր ան իր ցերեկները, երբ կը սպասէր անոր գիշերին։ Ինչո՞ւ այս այցը, այսքան տարբեր։ Իր մարմինին մէկ որոշ կէտին, ան զգաց հեռաւոր աղօտանք մը։ Ու իր միսերուն վրայ ցաւին մշուշները կը պտըտէին, ինչպէս կը պատահի ատիկա, անձրեւէն ետքը, բլուրի կողերուն։ Կեցած էր Սերոբին խորդալը։ Այս լռութիւնը դարձուց զինքը էրկանը։ Խուլ, ցասուն, ցաւի մը պէս կճող ատելութիւն մըն էր ուրուացածը ներսէն։ Քանի մը տարի է, որ վարժուած էր ատոր, իբր հետեւանք սեռային գրգռումին, որ մեր ջիղերը կը յօրինէ մեզի անծանօթ արշաւներու եւ կ՚արտայայտուի օտար դիմակներով։ Երբեմն բարեպաշտութիւն, երբեմն բարիքի լար, երբեմն չարութիւն ու բոլոր զառածումները, երբ երիտասարդ կնոջ մը մէջ արգանդն է տիրողը։ Իրաւ է, թէ յաճախ, առտուան լոյսին հետ անոր կը դառնային խառնուածքը, քաղցրութիւնը, համակերպումը։ Բայց ահա այս գիշեր անիկա հեռու էր նման եղկացումէ։ Ո՛չ մէկ նպաստ, այդ ուղղութեամբ, անոր խորքերէն։ Կարծես թէ ընդմիշտ պատռուած ըլլար իր մէջ այդ երակը։ Գութը՝ սե՛ռն է։ Բայց անգթութի՞ւնը։ Չորցած էր անոր հոգին։ Չմտաբերեց իսկական աղբիւրը այս չարութեան, որ պահուըտած է մեր խորերը եւ մեր հզօրագոյն բնազդներուն կ՚ենթարկուի` առաջնորդելով, անթափանց բաւիղներէ, սեռային սլաքը դէպի առեղծուածային դաշտերը կեանքին։ Ու բացուեցան անոր մտքին մէջ սեւութեան տափաստանները։ Առանց կենալու անոնց սեւեռումին՝ անիկա արագ-արագ կը փոխէր մտապատկերները։ Ու զայրացող միօրինակութի՜ւնը այս ամէնուն։ Իր օրե՞րը։ Բայց ուրիշ ի՛նչ։ Եղանակի, գործի, պահի նոյն երանգներով, ձեւուած նոյն մկրատէն, ու դրուած՝ նոյն թակոյկին մէջ, նոյն ներկը առնելու, թակոյկը գորշ, անիմաստ, աներազ ձանձրոյթին։ Իր օրե՞րը։ Որոնք պիտի տային դարձեալ իր գիշերները, կտրուած նոյն կերպասէն, սեւ պատմուճաններ, ծածկելու իր միսերը, աւելի յստակ՝ կուրծքը եւ դեռ ուրիշ բաներ, բացառաբար նոր ու սարսռագին։ Ու պիտի տային իրեն կրկին իր ցերեկները, այնպէս՝ ինչպէս էին անոնք հինգ տարիներէ ի վեր, ուրիշին համար։ Ուրիշէն չկասկածուած ողբերգութեամբ մը պսակաւոր։ Այս պատկերն էր կը զատուէր, մա՛նաւանդ զրկանքի խոշորագոյն փաստը, որ կը լեռնանար ու կը փակէր ամբողջ հորիզոնը անոր հոգիին, զինքը նետելու համար իրաւ, եղած պահելու (երազ չէին անոնք), մօտիկ ժամանակէն, շողը վրան պտուղներու պէս սրտառուչ, խենթեցնող, անանուն, անկասելի այդ պահերուն, այնքան պարզ սակայն, որքան անմեկնելի, բայց որոնք կ՚արժեն, կ՚արժէին կեանքէն ալ աւելի։ Անիկա որոշեց, երդումով, լուսնալուն իսկ, պատռտելու կեղծիքին եւ ստոր սուտին սա զգեստը, որուն մէջ կը պտըտցնէին զինքը տարիներէ ի վեր։ Անկողինի հերոսութիւն, դիւրին ու զօրաւոր, երբ մութով ու բամպակով է պաշտպանուած եւ որ կը խորտակուի, հալուող մշուշի պէս, օրուան, իրողութեանց կրակէն։ Դիտուած է, որ անիկա շատերու մօտ կը փոխարինէ գործողութեան զգայարանքը` նկարագիր դառնալով։ Փորձեց քնանալ։ Բայց գունտերը կ՚այրէին։ Ու անկարելի էր փակել կոպերը։ Ուրիշ ամէն զգայութիւն կը թուլցնէր զինքը իր հիմնական վիճակէն։ Ու արագութեամբ, որով եկած էր, գնաց զինքը զօրաւոր ընող ներքին հեղումը։ Այս տկարացման զուգահեռ՝ եկան դիրք բռնելու լուռ ու գորշ բաներ, զորս կը սորվինք կեանքէն, գուցէ նման պահերու համար միայն։ Իր անո՞ւնը։ Մա՜յրը։ Աղբրտա՜նքը։ Գե՜ղը։ Գայթակղութի՜ւնը։ (Ինչո՞ւ չընկերացաւ էրիկը այս խուժումներուն)։ Զատ-զատ չէր զբաղեր անոնց հետ։ Բայց կը զգար, որ կշիռ ունէին։ Կը խաբէ՞ր ինքզինքը` ետ հրելու համար խուլ սողոսկումը, որ պղպջակ առ պղպջակ կը հաւաքուէր հեռուներէն ու կերպ կը դառնար։ Ու ահա՝ յեղակարծ, բռնաւոր, զարհուրելի՝ բայց կախարդ՝ Սողո՜մը։ Ուրիշ գիծէ։ Քիչ առաջ այնքան հանդարտ դիմաւորուած այդ պատկերը հիմա ունեցաւ երկիւղառիթ թափանցում։ Անոր ցոլացումը տաքցուց, տարբեր երակով, մէկ մասը իր մարմինին։ Արագ ու խուսափուկ բռնկում, տրտմօրէն, դաժանօրէն տեղաւորուած։ Ամօթէն, խուժեց ինք իրմէ վեր, դէպի շրթները, ուր դողդողաց նոյն այդ ջերմութիւնը ու իրեն այնպէս եկաւ, որ բառեր կային անոնց վրայ, սողոսկող, բայց չելլող։ Վերցուց գլուխը բարձէն` զննելու համար էրկանը անկողինը։ Չունէր վախ։ Նախա՞նձ։ Բայց որո՛ւ հաշուոյն։ Կը սիրէ՞ր։ Գեղացին այդ բառը չունի։ Ինչպէս չկայ անիկա հայեցի տարազով մեր հին ու աշուղական գրականութեան մէջ։ Զայն վարկաբեկ ըրած է եկեղեցին` հագցնելով ահաւոր տարազ։ Մեր երգերը այդ վիճակին համար կը գործածեն օտարազգի բացատրութիւններ։ Կը սիրէ՞ր։ Բայց Նալպանտենց Աղուորը կը կրկնէր, քանի մը հազար տարիներու վրայով, վիճակին մայր օրէնքները իր մէջ։ Բա՜ռը։ Թող գործածեն զայն մեր ժամանակները։ Նալպանտենց հարսին համար յստակ էր անիկա, Սողոմին կարօտը` պարզ, իրաւ։ Ու աւելի յստակ՝ անոր ծոցը։ Աւելի ետքը դէպի քերթուած կը յառնէ այս վիճակը եւ կը թռի ոճիրէ ոճիր։ Բայց աւելի՜ ետք։ Գալարուեցաւ անիկա ողնայարին վրայ։ Ամբողջացած էր պատկերը։ Կ՚ուզէր եւ ունէր զայն, կուշտին, հիւսուած իր զիստերուն, փաթթուած իր հնազանդ մարմինին, բայց ապրելով բերանէն այնքան թարմ ու զօրաւոր, այր ու պատանի, նոյն շրթունքներով։ Ուզե՛ց, աւելի հզօր, դղրդուն եւ հեծկլտագին այս վիճակին պէս, որուն մէջ իր միսերը կը շաղուըւէին։ Գրեթէ բազուկներ հրեցին զինքը կռնակէն ու նստեցուցին։ Լուռ էր Սերոբին անկողինը, դալկահար ու թշուառ (հոգին ունի իր դալկութիւնները), շատ մօտիկը գութին։ Սերոբէն փարատած էր խժլտուկը եւ շունչը իջած իր բնական կշռոյթին։ Լոյս մը գուցէ լրացնէր անոր մէջ ուրուացող պատկերը, այդպէս թշուառ դէմքէն անդրադարձնելով հոծ տրտմութիւններ։ Խղճի խա՞յթ։ Բայց չկրցաւ ըլլալ այդ անձուկը անկէ ներս։ Երկարեց ինքզինքը նորէն, շատ բան յանձնելով իր տագնապներէն, վերմակին։ Ան վախցաւ անգամ մըն ալ, ուրուացող բանէ մը, զոր չէր կրնար տարազել։ Բայց պարտուեցաւ։ Խեղճ ու դալկահար ու թշուառական հարսնուկն էր ան, որ չէր յաջողած վանել տղան, հիմա կանգուն անոր ուղեղին վրայ ու երկարած իր ծոցին նոյն ատեն` ուրուային ու իրաւ։ Յանկարծ հարցուց, բայց ո՞ւր կ՚երթային իրենց ճամբաները։ Գրեթէ դատեց ու պիտակեց անխելք, անբացատրելի եղելութիւնը, որ երկուքին ալ մարմինները անցուցեր էր նոյն շամփուրին, բայց անկէ անդի՜ն։ Հիմնականը։ Անիկա զարմացաւ ալ։ Ինչո՞ւ այսքան ուշ կը յառնէր շաբթուան գերագոյն մտահոգութիւնը։ Ժամերով անոր միտքը կ՚ալեկոծէր այդ մտածումով։ Ու սուզուեցաւ անիկա իր արգանդին մէջ, ութ օրէ ի վեր այնքան իրաւ, տէր ու տիրական, որ կ՚անցնէր իր դերին, բանտուած թագուհիի մը նման` գտնելով մէկէն լոյսին ու արիւնին, սերմին ու յուզումին գաղջ ու հզօր զգլխանքը, անձրեւները։ Ու նոյն մառախուղին խորէն՝ արե՜ւը գալիք զաւակին։ Հեքիաթին աղջկան նման, որուն արգանդէն արեւ ու լուսնկայ են բխած։ Բայց անիկա փոքրացուց պատահարը` բերելով ասդին քմայքին սահմաններէն։ Ո՞վ պիտի ըլլար անոր հայրը։ Իրեն համար շատ պարզ այս հարցականը պատասխան չունէր դուրսին համար։ Ու հեղեղի պէս, գալի՛քը, որ քալեց, քալեց, չհատաւ։ Այս սարսափանքին գնովը անիկա կը մասնակցէր կեանքին հսկայ խորհուրդին, որ այնքան դժուարահաս է ու արիւնոտ է երբեմն ու մարդերը մատաղ-մատաղ հողին կը յանձնէ։ Ու անոր մէջ հիւսուիլ կը սկսէր այն տարօրինակ էակը, որ կինը չէ զաւակ բերող, լուացք ընող, հաց եփող կամ դաշտը էրկանը կողքին թել-թել հինցող արարածը։ Որ չէ հեշտանքին գործիքը, խելօք, անկողինի մը գերութեան շղթայուած` ըլլալու համար մշտադիր յատակ մը վայելքի ու անգթութեան, ոչ ալ տունի մը պահպանումին համար թեւերը զաւկըներուն վրայ տարածած դասական հրեշտակը։ Այդ րոպէին իսկ, ճակատագիրը զայն կը գրէր, կը յօրինէր արիւնի եւ մահուան համար։ Կ՚ըլլայ ասիկա աղջիկներուն, գեղը կամ քաղաքը, տեղը ոչինչ կը փոխէ։ Պտըտեցէք բոզանոցները ու հարցում ըրէք հոն վարսուածներուն։ Անոնցմէ շատին պատասխանը պիտի նոյնանայ միւսներուն, անոնց հետ՝ որոնք տունի մը տանիքէն առանց խախտելու, բացին իրենց արգանդները նոյն զգլխանքին, եւ ընդունեցին մահն ու արիւնը, կամ ողբերգութիւնը, անկարող ուրիշ բանի, վարդի մը կամ բաժակ մը գինիի վրայ։ Ու այս փոփոխութիւնը ամէնուն մէջ տասը կերպ չունի։ Քառորդ դար տեւող սրբութիւն մը կը պղծուի մէկ ժամէն։ Փոփոխութիւնը խօսեցաւ Աղուորին մէջն ալ, բարձրաբարբառ եւ վճռական։ Վերադարձաւ անոր քիչ առաջուան երդումին վստահ կարծրութիւնը։ Զգաց, որ ոտքի էր։ Բան մը պրկած էր անոր ջիղերը, որոնք ըրին մարմինը մէկ կտոր, տալով անոր՝ անհրաժեշտ պատրանքը ուժին, վճիռին, այնքան կարեւոր հոգին իր սկախառն ու ծոյլ յատակէն դուրս հանելու համար, խնայելով մեզի դողահար անդամներ ու կմախք, որոնք մեզ կը մատնեն, կրաւորական են ու իրենց շարժին մէջ կը խորտակեն մեր կամքը մենէ առաջ։ Չկրցաւ յիշել, թէ ինչպէ՛ս ու ե՛րբ ելած էր անկողինէն։ Չկրցաւ ճշդել՝ ինչո՞ւ…։ Գորգը աւելի՞ կակուղ էր մերկ ոտքերուն։ Զգայութիւնները ենթակայ են այս աղաւաղումին, երբ հոգին ամբողջովին իրեն տրամադրելի կ՚ընէ զանոնք, իր անորոշ ձգտումներուն համար գործածելով արիւնին ու փորձառութեան բոլոր տուրքերը։ Աչքը կը տեսնէր սակայն այդ գուլ մութին մէջ։ Անցաւ էրկանը քովէն, որ խաղաղ էր՝ խաւարին հետ համախառնուած։ Ու անոր կոկորդին փքոցը կը գործէր տարտամ կշռոյթով մը։ Ի՞նչն էր, որ դպաւ Աղուորին ալ կոկորդին, ուր զզուանք մը, մեղք մը, աղտ մը կը լեղուընային ու կ՚իջնային վար` սիրտը խառնելու։ Ափը տարաւ վիզին` ճնշելու համար կլոր այդ կծիկը գարշանքին, զգոյշ ու տարօրէն խաղաղ։ Գիտէ՞ր, թէ չունէր փոխելիք։ Մա՜յր։ Ուրուացաւ ու անցաւ ժողովրդական աւանդութիւնը։ Ու սակայն որքան պարզ էր, հոգիին խորը, սա ճամբան, ուր կը մտնէր։ Այս վստահութիւնը ամրացուց անոր քայլերը։ Դպաւ մութին, որ դիմադրող էր ու դժուար ընկճուող։ Ի՞նք մոռցեր էր քալելը։ Խելքը չհասաւ մութին ներկայացուցած այդ ուժին։ Գտաւ դրան մղլակը, պաղ ու իրաւ, որ նիւթացուց իր անորոշ զգայութիւնները եւ իրեն դարձուց իր քայլին ամբողջ կշիռը։ Ո՞ւր կ՚երթար։ Իբր թէ չգիտնար։ Յիմա՞ր էր։ Իբր թէ հինգ տարիներու իմաստութիւնը կարենար հակակշռել գիշերուան մը ծոցը։ Բայց սենեակը կը կոտտար, բազմամբոխ ու լեցուն, հարսնետունի մը նման։ Կը կոտտար ոտքին տակ գորգին ալ սիրտը։ Ականջին քովերէն ձայնի, հեծքի, արիւնի թրթիռներ կը կտրուէին ու կը թռէին, կ՚աւրուէին ու կը նորուէին ու լոյս ունէին։ Սրտի խառնըւուք մը, աւելի ուժգին ստիպեց զինքը կռնակը տալու դուռին։ Այն ատեն զգաց, որ մարմինէն առաջ գլուխը ճամբայ կ՚ուզէր, զովանալու խորունկ պէտքի մը արտայայտութի՛ւնը։ Մազերը փշացան։ Բացաւ անիկա դուռը։ Տարբեր ու թեթեւ զովութիւն մը կ՚անջրպետէր իր հոգին մարմինէն։ Դրաւ դուրս իր ոտքը։ Կը զարմանար, որ տախտակները չէին աղմկեր։ Նոյնն էր սրահը, պատուհաններուն մշուշոտ քառանկիւններովը, որոնք կանգուն էին, բայց պատրաստ իյնալու։ Կիսախուփ՝ ամէն գիշերուան պէս՝ կեսրոջը դուռը։ Պարտաւոր էր, հասնելու համար սանդուխին, անցնելու անոր առջեւէն։ Թեթեւցուց ու խորացուց իր քայլերը` դէպի ներս քաշելով դնդերներուն ուժը։ Ոտքերը եղան շշնջուն։ Լքուած էր իր կորովէն։ Չիյնալու համար բռնեց բազրիքը։ Կը վախնար սակայն խորունկ շունչէն, որուն պէտք ունէր այնքան։ Բայց ահա ետեւէն դողդողաց դուռը։

-Ո՞ւր, - փսփսաց հաճի Աննան` ցցուելով սանդուխին գլուխը։

Անիկա ուրուականի մը կը նմանէր` մութէն բխող ու կլոր։

Աղուորը կ՚իջնար աչքերը` արագ ու սրտապնդուած։

-Ո՞ւր, կ՚ըսեմ քեզի, - շշնջաց պառաւը, աւելի ամուր։

Անիկա, սանդուխին աչքերուն աւելի վարժ իր ոտքերովը քառսուն տարի էր, որ կ՚իջնար ու կ՚ելլէր հասաւ ետեւէն, բռնեց մատներէն, որոնք այրեցին իր ափը, կրակէ անցած ձողիկներու պէս, ի՛րը՝ ամբողջ սառոյց ու մեռել։

-Տա՞ք ես։

Չէր գիտեր, թէ ինչու կը խօսէր, մա՛նաւանդ այդպէս յիմար ու անտեղի։ Աղօտ լուսնկայ մը, առանց ըլլալու, բակն ի վար կը թեթեւցնէր մութը` չյաջողելով կոտրել անոր թանձրութիւնը։ Բայց կիսամերկ ու ճերմակ հարսէն, ան, ադ չեղող լուսնկան, կը կտրէր խռովիչ ուրուաձեւ մը, քակելով մազերը` առատ ու խոշոր։ Հասած էր սանդուխը ու անոնք առջեւն էին օճախով սենեակին։ Մեր ոտքերը երբեմն մենէ անկախ կը քալեն իրենց վարժութիւնները։ Պառաւը հրեց դուռը, որ բացուեցաւ կարծես սովորականէն աւելի դիւրաւ` անհուն զարհուրանք մը պարպելով անոր հոգիէն վար։ Կու գար ասիկա Սողոմին վախէն, որ կրնար իր խուցէն հոս եկած ըլլալ, օճախով սենեակը ճիշդ տակը կը գտնուէր Աղուորին ննջասենեակին։ Բայց մութը մնաց անայլայլ։ Մտան ներս։ Գոցեց դուռը։ Զգոյշ ու կորովի։ Ափերովը փնտռեց, աջ ու ձախ դառնալէն, հարսը, որ կռնակը պատին կը մնար լուռ` արձանի մը պէս։

-Ի՞նչ ունիս։ Ի՞նչ կ՚ուզես։

Ձայնի մօտ բան էր դուրս եկածը պառաւին բերնէն։

-Ո՞ւր կ՚երթաս։

Աւելի որոշ։ Բայց առանց կնիքի։ Պատասխանի չէր սպասեր, վասնզի հակառակ իր յուզումին, վախին, տունին ընդհանուր իմաստը կը գործէր իր մէջէն` կանոնով ու ամբողջ։ Ան շատ լաւ գիտէր, թէ ո՜ւր կ՚երթար այս ժամուն Սարեկենց աղջիկը։ Գիտէր մանաւանդ, թէ ի՛նչ ունէր ան։ Բայց կը կրկնէր հարցումները։ Ու իր ձայնին իսկ նպաստովը կը տեղաւորուէր ինքն իր մէջ։ Կ՚ընենք ասիկա, մեծ աղէտներու շրթունքին, երբ վախը մեր ուժերը կը կտրէ` ջուրի պէս ընելով արիւնը մեր երակներուն մէջ։

-Չիյտե՛մ։

Արձանէ ձայն մը, խիստ, չոր, քար, կարծես պատէն փրթած, այնքան հեռու էր անիկա Աղուորէն, որեւէ մարդկեղէն սիրտէ։

-Հէ՜յ ողորմութեանդ մեռնիմ, Կապուտուոր։

Բառերը կէս էին։ Շունչը չէր բաւեր զանոնք լեցնելու։ Բարկութիւն, կիրք, սարսափ, որոնք պարէին իր ջիղերուն վրայ ու պարէին արտակարգ արագութեամբ ու փոփոխումով։ Ու անիկա չէր կրնար մէկուն կամ միւսին մէջ տեղաւորուիլ։ Բայց ուժգին շնչառութենէ մը յետոյ՝

-Աղջի՛, խենթեցա՞ր։

Փափկացած, առանց բարկութեան, ըլլալու ճիգէն վիրաւոր՝ սա ճիչը, որ նախատինք ալ չէր, ինչպէս չէր մտածուած ու կշռող, փութացուց տագնապը։ Երբեմն բառերը կը կատարեն ասեղին դերը մեր հոգիին պալարին վրայ։

-Խենթ, խելօք։ Ալ չե՛մ պառկիր տղուդ հետ։

Վարագոյրը կ՚իյնար։

Հարս ու կեսուր կը մտնէին վերջապէս կրկէսին մէջ։ Դեռ իրարու դէմ ոչ իսկ խիստ վանկ մը փոխանակած այս բերանները կը բացուէին դասական գուպարին։ Բայց կատարուելիքը հաճելի եւ ընթացիկ կռիւ չէր, որ տեղի պիտի ունենար օր-ցերեկով, թուքով ու հայհոյութեամբ, կոկորդով, շրթներով, քիչ մը սանկ փողոցի վրայ, որպէսզի հարսները ամրանային։ Ոչ ալ թեթեւ, անհետեւանք մնալու դատապարտուած գզուըտուքը, որ հարսներն ու կեսուրները դէմ դէմի կը հանէ, ընդհանրապէս փոքր գողութիւններու յայտնումին, դէպի աղջիկները կամ մայրը կրուած նիւթերու շուրջը։ Գալիքը մռայլ բախումն էր, անողոք ու ճակատագրական, որ իրարու դէմ պիտի փշրէր արգանդն ու իմաստութիւնը, զգայարանքներն ու ընտանիքին խորագոյն իրաւունքները։ Չունեցաւ սկիզբներուն վարանքն ու զգուշաւորութիւնը։ Հասկցուիլն ալ աւելորդ էր ինքնին, քանի սա ճակատումը պատրաստող ազդակները առանց գաղտնիքի էին անոր համար, բարբարոս ու օտար մեղքէն ետքը։ Հեռուներէն արձակուած, բայց միշտ ալ յետաձգուած այս կռիւը սկիզբ կ՚առնէր սա չարագուշակ գիշերին, հաւախօսէն քիչ առաջ ու պայմաններու մէջ, որոնք կը յայտնուէին արտակարգ ու զարհուրագին։ Բացէն ա՛չք մը ու կռիւը պիտի վերածուէր աղէտի։ Ու աս դժնդակ կռիւին մէջ Նալպանտենց պառաւը մինակ էր բոլորովին, անլուր մեղքի մըն ալ աղիքներովը կապկպուած։ Սարեկենց աղջի՞կը։ Ան ունէր մէկ ափին՝ հինգ կոյս տարիներու նահատակութիւնը։ Միւսին՝ անճառելի շաբաթ մը։

-Ինչո՛ւս պէտք քիւրք ն ու շարոցը…, - չսկսաւ անիկա։

Առաջին իսկ բառերէն կը գուշակուէր այն խորախորհուրդ ուժը, որ գիծի անցեր էր, անոր միսերուն ներքեւ։ Շաբթուան մը անկողին՝ որ լեզու կ՚ըլլար սա անլեզու էակին մէջ ու կը պարզէր դուրսին անոր դժոխքը։

-Ի՛նչ ըսել կ՚ուզես…

-Ինչո՛ւս է պէտք քիրմանի շալը, ալն ու ադլասը ։

-Տէ՜ր Աստուած…, - մրմնջեց պառաւը` խորտակուած ու բարի։

Որքա՜ն իրաւ կը խօսէր Սարեկենց աղջիկը։ Ու անոր միսերուն վրայ փուշ-փուշ քաղուեցան զրկանքին անհամար օրերը։ Նոյն այդ շարոցներուն տակ, շալերուն տակ՝ միսերուն այն աննուաճ ծարաւը, այնպէս՝ ինչպէս կը բուսնէր անիկա հիւանդ ու անկարող էրիկի մը քսքսումէն ու այրի իր անկողինին սաւաններէն։ Կը խղճա՞ր սա պահուն, կորսուածին վրայ։ Բայց տկարացման սա տագնապը անցաւ արագ։ Անոր դարձան իր կեանքին միւս պահերը, բազմութիւն ասոնք, որոնց մէջ անիկա զսպած էր այն ցած ու խոնաւ ձայները ու պաշտպանած օճախին պատիւը։ Գէ՞շ էր ըրած։ Ներկայացան քանի մը անուններ, որոնք անցեր էին իրենց արգանդին սահմանները եւ որոնց մեղքը կը կամարէր այսքան տարիներ ետքը, տուներուն վերեւ։ Անցան ու գացին անոնք։ Յետոյ զատ-զատ, բայց արտակարգ արագութեամբ, անոր մտքին մէջ ուրուացան ու եղան այն զարմանալի ու քաղցր հեքիաթները, որոնք կու գային Յայսմաւուրքէն։ Անհուն բարութեան, կուսական ճգնողութեան այդ խռովիչ, միսոտ ու սարսռագին հեքիաթները, որոնց մէջ գլխիվայր կ՚իյնան կիները, առաւելապէս իրենց զգայարանքներէն։ Զոհողութիւն։ Արդարութիւն։ Երկնաւոր փեսայ։ Բոլորն ալ բառեր, շատ աւելի լայն ու խոր հնչումի տարողութիւն մը։ Կարծես դէմի մութէն, մէկ կանգուն իր հասակին վրայ կանգուն, ցցուեցաւ Կուճուկ (կարճ) Մարիամը` յիսնամեայ ու դեւէ մը աւելի տգեղ այդ աղջիկը, որ վարժուհի էր դպրոցին մէջ, կը կարդար հաստ մատեանը, կը հասկնար, ու կը բացատրէր սրբուհիներուն եւ երիտասարդ ճգնաւորներուն փորձանքները` հանուած մարդկային գիծի եւ հասողութեան։ Ի՜նչ պերճախօս էր հրէշը, որ արգանդի տեղ սպի մը կը կրէր, ու մարմինի տեղ՝ սառած ոսկրակոյտ մը։ Ոչ մէկ ատեն այնքան անպաշտպան ենք ու առնուած երկինքին պարունակէն, որքան ոճիրին ճառագայթման մէջը, կամ դուրս անոր ոլորտէն ոչ բոլորովին, բայց առանցքի մը պէս զայն բեւեռելով մեր ներսը։

-Դուն չես մինակ…

Պառաւը չհամարձակեցաւ շարունակել մտքին մէջ ուրուացած պատկերը ու զայն բառի վերածել։ Կ՚ամչնա՞ր Աստուծոյ արդարութիւնը խառնել այս աղտոտ պատահարին։ Բայց աւելցուց.

-Դուն էրիկ ունիս, փառք Աստըծոյ։

Վախկոտ ու խեղճ նախադասութիւն, որ գարշագին ընդվզումի փոխուեցաւ հարսին մէջ։ Անոնց կռիւը կը գունաւորուէր` հեռու ըլլալով սակայն ընթացիկ սարիքներէն, վերածուելով իւրաքանչիւրին ալ խորը անոնց իսկական իրականութեան։ Ան կը յայտնաբերէր տարիներու ճնշումով կարծրացած շերտեր հոգիի, կողմեր՝ որոնք անակնկալ ըլլալնուն չափ եղերական էին ու անկանգնելի։ Կռիւը մեր ներքին լինելութեան ամէնէն սուղ ու վաւերական փաստերը կը բերէ ցոյցի։ Ուրիշը ճանչնալու վստահագոյն եղանակը զայն գրգռելուն մէջն է կ՚ըսեն։

-Էրի՜կ։

Ի՛նչ հաստ, ուժով, բիրտ արտասանեց բառը։ Կարծես պատերն իսկ հասկցան։ Տունը վերէն վար հեծկլտաց ու դողաց։ Բայց ճիչը լուսաւորեց զինքը մանաւանդ։ Էրի՞կ։ Ցերեկ ըլլալու էր, սարսափելու համար կատաղութենէն, որ անոր աչքերուն մէջ կարմիր կրակ էր այդ պահուն։ Սորված էր ուրեմն խեղճ ատ արարածն ալ կեանքին հզօրագոյն բառը, որ մարդը կը ճկէ ու կը հաշտեցնէ, խենթ ու կախարդ, ու կեանքը կարելի կ՚ընծայէ ի հեճուկս մեզ ընդոտնող բոլոր ժխտական տարրերու։ Ու բառը կը ստանար անոր բերնին ամբողջական տարողութիւն ու պողպատէ իր հիւսքը։ Ու ըրաւ անոր ձայնը, առաջին անգամ էր ատիկա, դանակի պէս կարծր ու գնդակի պէս արագ՝ թափանցող։ Որ կրնար դպիլ առաստաղին, ծակել տախտակը ու անկէ ալ անցնիլ պառկող մարդուն։ Արհամարհանք, հեգնութիւն, զայրոյթ, չարութիւն, ամօթ ու կսկիծ, բոլո՛րը՝ ինչ որ տարիներով ներս էր դրած ուրիշներու հաշուոյն, մարմին կ՚ըլլային այդ կծու բացագանչութեան մէջ, որ անոր ուղեղին վրայ կը բաբախէր, մռայլ ու բարբարոս, գրգռող դրօշակի մը պէս` անընդհատ խթանելով անոր հոգիին ջուրերը։

-Չե՞ս վախնար դուն Աստուծմէ։

Որո՞ւնն էր ձայնը, քսանամենի հարսի՞ն, թէ վաթսունամեայ պառաւին։

-Չե՞ս ամչնար, որ հոգիդ կը սեւես։

Իբր շարունակութիւն՝ հարսը նետեց այս հարցականները իրարու ետեւէ։ Կարծես թարմ անոր շրթունքները լքած ըլլային տարիքին լուրջ, պատկառագին մաքրութիւնը։ Ու անոր բերանը կը հրուէր առատ ու հսկայ որձնումին։ Լրբութիւնը զազրելի է, երբ արդիւնքը կ՚ըլլայ հաշիւի։ Ինքնաբուխ՝ ինչպէս հոս, անիկա մաս կը կազմէ մեր հոգեկան յատակին։ Նալպանտենց հարսը դեռ չէր ինկած գեղին լեզուն։ Ու զօրաւոր էր այս հեղումէն։ Բայց չկրցաւ շարունակել` կտրուելով իր թափէն յանկարծահոս բեկումո՜վ մը, ձա՛յնը անոր մաքուր մնացած ներսին, բռնկած ու բխող ձայն, մութին, լռութեան ու մեղքին իսկ ընդերքէն։ Մեղքին սա ուրուափայլն էր մէկէն ի մէկ զգաստ ըրաւ զինքը, նոյնքան արագ, որքան զրկանքին դէմ իր պոռթկումը, որուն կը հրուէր անիկա բնազդին ասեղներովը։ Ինչո՞ւ ընդունած էր տղան։ Ու նուաստացում…։ Ինքզինքը պլշկած կնոջ այս խորտակումը չըրաւ զինքը արդար, ոչ ալ թուլցուց անոր տառապանքը, որ հիմա խեղճ, անկանգնելի մղկտում մըն էր, աւելի հզօր, քան նիւթական ցաւը։ Որ մեզ փոշի ու աղբ ու դոնդող կ՚ընէ` լուծելով մեր կամքը՝ ինչպէս ուժը մեր արիւնին, մեզ պսակելէ յետոյ մեր անկարողութեան կրակէ շամփուրովը։ Երիտասարդ, չմաշած, գրեթէ բոլորովին անհուպ կնոջ անոր մարմինը խաղալիք էր անասելի շարժումներու, որոնք կը փորէին, կը պեղէին մինչեւ իսկ բաւիղները ոսկորներուն ու ցանցի մը պէս կը փռուէին ուղեղին անդունդին։ Լարուած էին իր միսերը։ Մտքին ցաթեց պատկերը հողէ պտուկի մը, որ կ՚եփի ու չի կրնար ճաթիլ։ Ուրի՞շ էր իրականութիւնը անոր ներսին։ Բայց տարօրինակ էր, որ մտածէր պատկերով, խիտ ու ամբողջ։ Ու չյաջողէր պարզել անոնց խռովքը։ Ի՞նչ կ՚ուզէր պառաւէն, որուն բերանէն ոչ մէկ անգութ, նոյնիսկ խիստ շեշտ չէր յիշեր անիկա։ Շեշտուած նուաստութեան ու գէշ հագնուած սուտի ալիք մը ողողեց զինքը այն միւս մտածումին դիմաց, որով անիկա սա ողբերգութիւնը ամբողջովին կը փաթթէր կեսրոջը վիզին։ Հապա ի՞նք։ Հապա խուցին տանիքէն սիրուող կատուներուն խռո՜վքը։ Ու ատոնցմէ անդին, այդ կործանումին վրայ լերան մը պէս աղուոր ու կանգո՛ւն՝ իր իսկ վայելքը, խիստ բացարձակ, որ կը հեղուէր իր մէջը տղուն գիրկէն ու կ՚ընէր զինքը խենթի մը ուղեղին պէս անվարշամակ ու մերկ։ Ի՞նչ կ՚ուզէր էրիկէն, որուն ոսկին ու մուշտակը զինքը մէկ հատիկ, նախանձելի կեցուցած էին գեղ մը կիներու աչքին եւ որ չար ու անգութ չէր եղած կրկին իրեն հետ։ Ու գութին հետ տեսարան եկող այս զգայնոտութիւնը տիրապետեց անոր կարծրութեան վրայ։ Քայքայուեցաւ իր չարութիւնը պղպջակէ շինուած զանգակի մը նման։ Ու վերադարձաւ անոր՝ իր անյատակ կարօտը մարդերու կարելի երանութեան։ Ու կցկտուր, խեղճ ճիչերուն հետ, որոնք կը փրթէին քիչ մը մարմինին ամէն կողմերէն, ու կը ջանար պարպել դուրս սրտին հրդեհը…

-Ո՜ր մեղքիս համար, ծերո՜ւկ, ո՛ր մեղքիս։

Ու կու լար։

Սենեակը ստացած էր մութ իրականութիւն մը, որ այս ներանձն լլկանքին կ՚ընծայէր յարմարագոյն գետին։ Արտաքին զգայութեանց բացարձակ սա պակասին մէջ պառաւը շունչն իսկ կը վախնար քաշելու , անիկա լրիւ ընթացք կու տար ներքին տեսարանումին։ Յետոյ զգաց, որ յոգներ էր չարաչար։ Իջեր ծայրը իր տագնապին։ Անոր վրան ինկաւ անմռունչ, համեստ, գողտր հարսնուկի մետաքս վարշամակը, հարսնութեան սովորական մուշտակը, ա՛ն՝ որ հինգ տարի պարտկեր էր անոր կրակը աշխարհին ամօթէն։ Ու եղաւ անիկա Նալպանտենց սիրական պուպրիկը, որուն տարազովը անիկա կը պտըտէր ամէնուն առջեւ։ Այս վերադարձը դէպի իր հին շինուածքը մեղմեց պահին արտակարգ ձգտումը։ Այնքան իրաւ է, որ մեր անցեալը չի բզկտուիր ամբողջութեամբ ու անոր բեկորները կը կառչին մեր հոգեկան հանգոյցին։ Հատուկտուր ու խեղճ բառերով անոնք կը փսփսային, կը տագնապէին, կը մտմտային ու կու լային։ Քայքայում մը կատարուածը, բայց թել-թել, մաղ-մաղ։ Ու դժուար էր հասնիլ ինքնարիւնումի, ինքնեղծումի սա աստիճանին ու անոր լրիւ պարագրկումին սա փշրանք բառերու վրայով, որոնք անդունդի մը երախին բռնուած, գերի տարուած ցոլքի բեկորներու նման կը լուսաւորեն երբեմն մեր առեղծուածը, ճակատ ճակատի, երես երեսի, բռնադրուած ապրումին ողբերգութիւնը՝ տափկցա՛ծ՝ գլանովը կեանքին ու անկանգնելի։ Սուզումի, լուծումի, փայլակօրէն վերյօրինումի ու կրկին ջնջումի այս սուղ րոպէներուն մեզի կը տրուի խելամուտ ըլլալ բաներու, որոնք վրիպած են մենէ, այսինքն՝ որոնք չենք բռնած ու բանտարկած մեր ներսը ու թողած ենք, որ անոնք կորսուին տեւողութեան ջուրին ծոցը, հակառակ մեզի համար անոնց պարունակած գերազանց արժէքին։ Կը խաբուին անոնք՝ որոնք մեծ ապրումներուն միայն կը սահմանեն մեծ խռովքներ։ Շատ անգամ շարժումի տրո՛փ մը, ծուէ՛ն մը, աւելի ճիշդ՝ ուրուաձե՛ւ մը, զոր դժուարաւ կ՚որսանք, այնքան նիհար է անոր գիծը եւ որուն կորացումին վրայ սիրտ մը, սիրտեր կը ճամբորդեն։ Բառի փշո՛ւր մը երբեմն, առանց որոշ կնիքի, որ կ՚իյնայ մեր շուրջը ու այնքան դուրս կը թուի մեր անձնականութեան սահմաններէն եւ որ ճամբան էր մտած ուրիշ հոգիներ փոխադրելու դէպի մեզի, վախկոտ, թռչունի մը կտուցովը զարնել փորձելով մեր ներսի դուռներուն։ Ուրիշ անգամ կէս արցունքն է ան կամ կէս ժպիտը ու դեռ աւելի փոքր հեծքեր, որոնք անշշուկ կը վառին ու կը մարին եւ իրենց անցումէն ետքն է, որ կը դառնան իրենց եղերական հոծութեան։ Ու այս թերի, ըլլալ իսկ վարանող բաներն են, որ մեզ կ՚ընկղմեն հեռազգած ու անողոքելի մեր կործանումին մէջ, երբ իյնան մեր հոգիին պահծու խորշերուն։ Չէ՞ որ կաղինի մեծութեամբ քարի մը կտորը մահ կը բերէ, երբ կը հանդիպի ականջ-թոռին, ինչպէս կ՚ըսէ ժողովուրդը։

Մինչեւ հաւուն խօսիլը անոնք երբեմն բառով, երբեմն առանց բառի, գրեթէ ձեռք ձեռքի ու կուշտ կուշտի՝ շարունակեցին այս փոխադարձ բզկտումը։ Քիրմանի շալը, ոսկիի խաթարները, Նալպանտենց եղն ու մեղրը եկան ու անցան անոնց լեզուներէն։ Անցաւ էրիկը, հարազատ բառով՝ էրիկմարդը եւ ուրուացաւ իրաւ անկողինի մը դրախտն ալ։ Անցաւ գեղը, օրինակները կիներուն, որոնցմէ առջի յղութիւն մը խորտակած էր չարին կապերը ու բացած անոնց կուղպ արգանդները։ Ու դեռ ուրիշ բաներ։ Ու անոնց ձայնը ունէր գիշերուան գոյնը ու չաճեցաւ։ Որմէ՞ կը զգուշանային, երբ առանց հրաւէրի փսփսուքը կը պահէին միշտ նոյն կաղապարին։ Վերէ՞ն։ Ոչ անշուշտ։ Հրաշք մը միայն կրնար արթնցնել Սերոբը։ Դուրսէ՞ն։ Կը խորհէին, բայց չէին յայտներ։ Գիշերը կ՚ըլլար բոլորովին խաղաղ ու միատարր։ Պառաւը գրեթէ թել-թել վերզգաց այն դժնդակ յուզումները, որոնք կրծած էին իր ջիղերը, երբ անցած շաբթու ախոռին մէջ, յետոյ քիչ առաջ խուցին մէջ մինակ էր մնացած Սողոմին արցունքին հետ։ Ու պատկերը կը նոյնանար սրտառուչ նմանութեամբ միւս քայքայումին։ Ու ա՛լ խարխլած անոր ուղեղին մէջ իր լուծումը կը գտնէր կեանքին, այսինքն՝ անոր միակ իրական, արժող ու խոր մասին, երիտասարդութեան հսկայ խորհուրդը, զոր չենք հասկնար, երբ կ՚ապրինք։ Սիրելու ձեւերը տասը տեսակ ըլլալու չէին։ Ան կոտրած ու թոյլ՝ խորացաւ դէպի սիրտը ու հոն գտաւ ինչ որ ծանօթ է ամէն ծերութեան։ Աղուորին համար մինչեւ այդ պահը ծփուն ու կիսակազմ բաները վերածուեցան պայծառ ստուգութիւններու, որոնց կեդրոնը ան զետեղեց ինքզինքը ու չափեց ։ Ուրիշ շատ բաներու հետ՝ անիկա երկիւղով խառն զարմանքով սորվեցաւ, որ Սողոմը խուց մը ունէր, խուցն ալ դուռ մը, դուռն ալ ճամբայ մը։ Ու սորվեցաւ անկէ անդին ալ։ Թէ՝ կարելի էր գիշեր ատեն թողուլ էրկանը անկողինը եւ ուրիշին ծոցը մտնել։ Մենք տարիներով կը լսենք բաներ ու չենք հասկնար։ Կու գայ կեանքին մահակը, կը զարնէ մեր գլխուն, կը բանայ մեր աչքերը եւ կը տեսնենք։ Երգեր թրթռացին անոր շրթներուն, ուր հարսները «խենթեցած» կ՚երթային ուրիշներուն սենեակը։ Կարծես մէկը այդ րոպէին վրայէն առնէր, փրցնէր խակ այն խորխը, կեղեւը, որ կուսութիւնը կը յատկանշէ։ Ու ըրաւ անոր հոգին այդպէս քողաթափ, դնելով զայն դէմը աշխարհի հզօրագոյն յուզումներուն։ Ի՜նչ իրաւ էին երգերը, իր բառովը՝ խաղերը, զորս գեղը կը յօրինէր` այդ սարսուռները պատմելու համար։ Ու ի՜նչ յստակ հիմա տրամները, որոնք կը սկսին զատ-զատ տուներէ, իրարու կը վազեն, արիւնին եւ ոճիրին վրայէն ցատկելով, ու կը միանան իրարու, յաճախ մահուան ծոցովը։ Ինկաւ հպարտ չարութիւնը, որով պաշտպանուած էր իր ու աշխարհի աչքին իր պարկեշտութիւնը մինչեւ երէկ, ու արդար, սրտառուչ, եղկելի գտաւ միւսները, բոլոր անոնք, որոնք իրենց դուռները եւ արգանդները կը բանան անտես կապերէ քաշքշուած ու մատերէ հրուած։ Հասկցաւ, թէ սիրտը գոյութիւն ունի եւ իր օրէնքները ինք կը պատրաստէ։ Փորձանք, դանակ, թոյն, կախաղան, ասոնք սուտ բառեր չէին։ Իրա՜ւ, ա՛յնքան իրաւ էր իր մարմինը, հալած ու անգոյ, միւսին մէջը։ Ուժգին ու մեծ իրողութիւններ ասոնք, որոնք իրենց վայրագ հեռանկարովը կ՚ամրանային անկէ ներս։ Հպարտ միւսնե՜րը։ Այսինքն՝ փոքր կարգադրութիւնները, հնարքները, կէս-միջոցները, որոնք սեռային պատրանքը կը հագուեցնեն, կու տան անոր աղն ու համեմը, գեղջուկ հարսնուկէն մինչեւ հզօրագոյն տարփաւորները։ Ու պառա՜ւը։ Այսինքն՝ զգուշութիւնը։ Այսինքն՝ հաշիւը։ Այսինքն՝ ճկունութիւնը։ Խելք պէտք էր ամէն բանի, նոյնիսկ արգանդին համար։ Չաճապարել երբեք։ Չվտանգել շատ մը գեղեցկութիւններ ու շատ մը բախտեր։ Չքրքրել տուներ ու տեղեր։ Ապրիլ արգանդէն, բայց ապրեցնել։ Սպասել ու կառավարել։ Այսինքն՝ խաբել ու չամչնալ։ Փրկել ձեւերը։ Փոքրանալ՝ բայց քալել։ Ի՞նչ էր կնոջ մը կեանքը, այսինքն՝ փէշին կեանքը։ Շատ-շատ 15 տարի։ Հինգը ետե՜ւն էր։ Կը խօսէր պառաւը ամէնէն քաղցր շեշտովը։ Զաւա՜կ մը։ Ու ձգուած կ՚ըլլար կամուրջը։ Նալպանտենց Աղուորը իր սենեակէն խոյս տուած ատենը հիմնովին հեռու էր այս իմաստներէն։ Ու հիմա, հաւը հազիւ խօսած, անոնք հաստատ, ծանր, դժնդակ ճշմարտութիւններ էին անոր համար։ Մեծ սիրո՞ղ մը։ Ոչ, անշուշտ։ Ինչ որ ալ ընէր, ինք չունէր նմանելիք այն միւսներուն, որոնք կը բողբոջին արեան մէջ եւ կարօտ են մշտական արիւնի։ Ոչ մէկ ատեն անիկա կեսուրը չէր գտած այնքան ճկուն, հեղինակաւոր։ Ոչ մէկ ատեն սակայն անիկա իր մէջ հաստատած էր այնքան մթերք փափուկ, բայց անզիջող խստութեան եւ անընտել ընդդիմութեան։ Ու հարս ու կեսուր հաշտուած էին մեղքին դէմ, մեղքին հետ, բայց մա՛նաւանդ իրարու հետ։ Տարօրինա՞կը այս ամէնուն մէջ։ Ամէն անգամ, որ հաճի Աննան իր քարոզէն ինք հրապուրուած՝ բռներ էր Աղուորին թեւէն վերի սենեակը տանելու, ամէն անգամ ալ Սարեկենց աղջիկը ազատեր էր իր թեւը, առանց բռնութեան, ու մնացեր։ Հաւը կրկին խօսեցաւ։ Ու անոնք ծունկի էին ու կուշտ կուշտի, իրարմէ քակուելու վախցող երկու վտանգահարներու նման։

Դէպքերը քիչ անգամ կը յարգեն մեր խելքն ու հաշիւները։ Դուռը, մեղմ, բացուեցաւ։ Աւելորդ է խօսիլ հարսնուկին սարսափէն։ Բայց պառաւը մնաց անայլայլ։ Կարծես կը սպասէր ատոր։ Չըլլար հարսին քիչ մը բարձրկեկ ճիչը՝ անիկա յաղթած պիտի ըլլար թերեւս դէպքերուն։ Բայց անփորձ հարսին աղաղակը շրջեց պառաւին գիտութիւնը։ Գիշերօք օդը աւելի թափանցիկ է կ՚ըսեն ու ձայնը շատ դիւրաւ կը ճամբորդէ։ Արթնցա՞ծ էր Սերոբը։

Մտնողը Սողոմն էր։ Սեմին վրայ ընկրկեցաւ ան Աղուորին ճիչէն։ Բայց ատիկա չտեւեց։ Ան յառաջացաւ մութին վրայ` ափերով զայն կոծելով։ Անիկա շուտով լքեց, արագ սեղմելէն ետքը, պառաւին հաստ մարմինը, որուն ձեռքերը չբաժնուեցան սակայն իր գօտիէն։ Պատն ի վեր, միշտ շօշափելով, միշտ յառաջացող բռնեց սակայն դողահար հարսը ու առանց բառի, ինչպէս առանց վարանքի, զարհուրելի բնականութեամբ մը փաթթուեցաւ անոր` արագ, պիրկ, անդիմադրելի, գրեթէ անգիտելով ահագին բեռը պառաւին, որ կ՚աշխատէր իր մարմինի գունտը զետեղել անոնց հիւսուած իրաններուն մէջտեղը։

-Գնա՛ կորսուէ, գնա՛ տեղդ, գնա՛ դուրս…

Պառաւն էր, մատներովը փրցնելով տղուն շրթները հարսին երեսներէն, հրելով հիւսուած զոյգը, բայց տառապագին անձկութեամբ, աղմուկ ու ճիչ չհանելու։ Ան առտուն լուացուած յատակին կը պակսէր այծենի կապերտը եւ տախտակները երեք մարմիններու կեդրոնացած ճնշումին տակ հեծք ունէին ու կը տքային։ Պատերը՝ բարակ բակին կողմէն, կը թօթուէին, տարօրինակ կերպով խոշորցած աղմուկով ու պառաւը կը փսփսար պոռալու հետ շփոթելու չափ բարձր, առանց իր ուզելուն իր կանչռտուքը.

-Գնա՛ դուրս, գնա՛ տեղդ…

Մտիկ չըրին զինքը։ Չէին կրնար։

Բայց ահա մեծ դուռին դուրսէն պոռալ առաւ Գաբիկենց շունը` թաղին երիտասարդ ու աչալուրջ պահակը, որ կը դառնար լեռնէն, գայլերու հետ իր կռիւները աւարտած, հաւախօսէն ետքը ու կը փռուէր Աղուորենց սեմին, առտուն կանուխ լզելու համար գեղանի հարսին բաց կոճերը եւ ձեռքերը։ Իրողութիւն էր, որ պառաւը երես կու տար գազանին։ Իրողութիւն էր, որ շունը ցերեկները կը հետեւէր Աղուորին, անկարող բաժնուելու անոր հայեացքէն։ Շան կաղկանձիւնը, խոշոր ու բզկտող բերնէ մը լեղի-լեղի կը դանկըտէր կարծես գիշերը, ինչպէս կը դիտուէր ատիկա վտանգին պահերուն, գողութիւն ու յարձակում։ Ամառ գիշեր էր ու տանիքներէն, ուր դեռ յամեցողներ կը պառկէին, տարտամ ձեւեր, լուսնով աղօտած, յառաջացան դէպի խորերը, խուզարկու եւ անձկոտ, մէկը, հակադիր տանիքէն։ Հազաց ու սաստեց գազանը.

-Սուս, մերեթ 2 ։

Թաղը կ՚արթննա՞ր։

Խելայեղ՝ հաճի Աննան ինկաւ Սողոմին ծունկերուն.

-Հօրդ մեռելին հոգուն, տղա՛ս, հօրդ մեռելին…

Չկրցաւ աւարտել նախադասութիւնը։ Այնքան սարսափ ու պաղատանք կ՚ընէին իր շարժումն ու կանչը արտակարգ, վտանգի այնքան յստակ հեղանիւթ կար սենեակին մէջ, որ տղան ձգեց ինքնաբերաբար հարսը։ Մութը կը մնար մշուշուած ու կտրուած։ Չէին տեսներ, որ դէմերէն լոյս կը վառէին մարդիկ։ Երեք ձեւերը հազիւ պղտորում մը բերին այդ խաւարին։ Ե՞րբ ու ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ սեմին՝ Նալպանտենց Սերոբը։ Ատեն չէին ունեցած նկատելու ատիկա։

Անոր առաջին բառերը եղան՝

-Գո՞ղ կայ։

Ընթացիկ կենդանի մը, գողը, գեղին համար։ Առաջները, թերեւս դարերով, գեղացին գիշերային այս սարսափները կապած ըլլալու էր թուրքերու խուժումին, որ ա՛լ հազուագիւտ էր, դրացի գեղերու վրայով։ Բայց գողը ունէր գոյութիւն, այս անգամ համագիւղացի։ Կը մտնէին անոնք, երկու-երեք, ընդհանրապէս համրուած ու արժանավայել տուներ, բոլորն ալ հարուստ, վաշխառու, առանց քրտինքի այդպէս ամբարձիգ։ Կը սոթտէին որոշ մարդավարութեամբ, այնքան՝ որքան հարկաւոր էր ապահով ձմեռուան մը համար։ Մեծատունները կը բաւականանային ամուր պատերով։ Երկաթեայ պատուհաններով։ Եթէ բռնաբարուէին տան մուտքերը, կը վճարէին անաղմուկ ու կը զգուշանային կառավարութեան դիմելէ։ Գող մտնելու այս ընթացիկ բացատրութիւնը, վերջին տարիներուն, ստացած էր նոր ու փոխաբերական իմաստ։ Կը պատահէր, որ գող մտնէր նաեւ այնպիսի տուներ, ուր ոսկիին տեղ ոսկի հարսնուկ ու կիներ կենային։ Նալպանտենց տունը, երկու երեսներով ալ, ենթակայ էր գողերուն ախորժակին։ Ու քանի՜ անգամներ անոնց դուռները եւ պատուհանները համը առին այդ յարձակումներուն։ Նալպանտենց Սերոբը կրկին հարցուց։

-Չէ՛, - պատասխանեց մայրը։

-Ինչո՞ւ լուս չունիք։

-Մարեցաւ։

Ինչպէ՜ս հանդարտ էր այս սուտը։

-Ո՞ւր է Աղուորը։

-Հոս։

Ինկաւ լռութիւն, չես գիտեր ինչպէ՛ս շինուած։ Սեմին կեցած՝ ան կը դողդղար սակայն ու կը զգուշանար ներս յառաջանալէ։ Արթնցեր էր շունէն, որուն տագնապը շատ զգալի չէր եղած ներսիններէն, աւելի խորապէս տարուած իրենց տագնապէն։ Անիկա վախկոտ եղած էր, պզտիկուց՝ իր փոքր մարմինէն, կարգուելէն ետքը՝ իր կնիկէն։ Այս էր պատճառը, որ իր պատուհանները ունէին զ ոյգ հիւսքով երկաթեայ ցանց։ Բակի մեծ դուռը՝ հնօրեայ գերանով կալանաւոր։ Ան կանխահոգ էր մօրմէն յետոյ, իր կատոզներուն ու Աղուորին հաշուոյն։ Ձայն էր տուեր կնկանը։ Չգտնելով զայն անկողինին մէջ, սարսափէն սառած էր պահ մը։ Շունին լեղի-լեղի պոռալը թռցուց խելքը անոր գլխէն։ Չէր կրցեր պատուհան երթալ։ Կանչած էր կինը սանդուխին գլուխէն։ Ու, շանը հաջոցին ընդհատներէն եկած էին իրեն, վարի սենեակէն, ձայնի խղդուկ կտորները։ Ինչպէս զատեց մօրը, Աղուորին ալ հեւքերը։ Սիրտ առած՝ իջեր էր սանդուխին աչքերէն ` լոյսէն ու մութէն հաւասարապէս խրտչելով։

-Ի՛նչ կ՚ընէք հոս, - հարցուց կրկին։

Ան այս անգամ չէր սպասած պատասխանի ու զարկաւ լուցկին։

Դեղնորակ, դէպի կանանչը հակող պղտորման մը մէջ խորացաւ ու դողդղաց սենեակը ու անոր ծոցէն ուրուացան երեք ձեւերը։ Ամէնէն առաջ՝ Աղուորը, կուրծքին բանդ երը 3 փրցուած, շապիկը բզիկ-բզիկ։ Խառնուած էր, հսկայ ճմռկումով, հիւսքը անոր մազերուն, ոսկիներու շ արոց մը շրջած՝ դէպի կռնակը։ Կարմիր էին այտերը, պիսակաւոր կարմրութեամբ ու քրտինքի գիծեր պղտոր բաներ կը հիւսէին անոնց վրան։ Լոյսը եղկելի ու անըմբռնելի ընկճումով մը անէացուց զայն։ Անոր շուքին՝ պառաւը, զոյգ թեւերը մեծ փորին վրայ, հեւքը զսպելու համար, շունչը ուտելով։ Սողոմը, քիչ մը բացուած, բայց չազատուած տակաւին իր սառումէն։ Կռնակը պատին, անորոշ ու վախկոտ, նայուածքի անկարող, բայց դաշոյնը կատաղի սարսափով մը դէպի դուռը սառեցուցած։ Այս կերպով լուսաւոր՝ պատկերը տեւեց հազիւ հինգ-տասը երկվայրկեան։ Բայց ամբողջ ու արտայայտիչ։

-Հաճի Աննա՛։

Դուրսէն, դրացի Գոգոն էր։ Ոտքի ցաւէն գիշերները չէր քնանար ու պատուակալ հսկողն էր փողոցին։ Պատուհանին անկիւնէն անպակաս էր անոր մշտավառ ծխամորճը։ Ձայնին հետ լոյսը մարած էր ու սենեակը դարձած էր ստուերին։ Պառաւը սիրտ առաւ մութէն։

-Լուս չվառես։

Ան հրամայեց տղուն ու գտաւ, ի՜նչ արագութեամբ, փողոցադիր պատուհանը։

-Բան չիկայ, Գոգօ՛։

Եղկ ու փորձ ձայնը խաղաղութիւն տարածեց սկսող իրարանցումին վրայ։ Կոտրեցաւ շունին սպառնալիքը, վերածուելով փոքր ու խոնաւ մռլտուքի։ Հաճի Աննան երբ, փակելով պատուհանը, վերադարձաւ մութին, սենեակը եղած էր աւելի քան տարօրինակ։ Ինչպէ՞ս դրաւ, ինչո՞ւ դրաւ ինքզինքը գետին։ Ինկա՞ւ։ Չկրցան ճշդել։ Բայց անոր մարմինը լայնքին սարսեց հնօրեայ յատակը սենեակին։ Ու անոր վտանգաւոր ճիչը, պրկուած, բռնուած, քիչցուած՝

-Սի՜րտս… սի՜րտս։

Կեանքին մէջ ցաւի հետ գործ չունեցած հաճի Աննա՜ն։ Ի՞նչ զարհուրանք կար բառերուն վրայ։ Լռեց սակայն ու սենեակին մէջ մահէն աւելի գէշ բան մը ուրուացաւ։ Վտանգի մը վախը ոտքի եղողները միացուց անոր մարմինին շուրջը։ Սերոբը ուզած էր զարնել լուցկին։

-Լուս չվառես, - շշնջաց անիկա ու դրաւ գլուխը գետին։

Նուաղա՜ծ։ Մութին կը լսուէր թեթեւ խշշոց մը` խոնաւ ու վիրաւոր շունչին տեղը բռնելով։ Ե՞րբ սառած էին ափերն ու ոտքերը։ Թօթուեցին զայն ու պատասխան չառին։

-Մարեցաւ։

Աղուորն էր, լաւ օրերու իր շեշտովը։

Վախկոտ, նախապաշարուած, միշտ մօրը հնազանդելու վարժուած, Սերոբը, հակառակ փափաքին չզարկաւ լուցկին։ Աղուորը երկարեց ափը դէպի պատիհոն ը 4, շօշափելէն գտաւ քացախին սրուակը՝ պարպեց պառաւին ռունգն ի վեր։ Մութը կը մնար քիչ մը բացուած։ Իրենց ձեռքերը կը քսուէին իրարու ու շարժումները զգալի էին, տեսանելի ըլլալէ առաջ։ Փռնգտաց, հազաց, խղդուկ ու շնչահեղձ, բայց ինքզինքը գտնելու տեղ՝ երկարեցաւ պառաւը։ Ինչպէ՜ս կը տեսնէին այս լքումը, քայքայումը։ Անոնք վախցան։

-Գնա՛ հագուէ, - հազիւ կրցաւ մտածել Նալպանտենց Սերոբը, որուն ուղեղին տակ շատ մը բաներ կ՚աշխատէին ըլլալ ու չէին յաջողեր։ Աղուորը անյայտ եղաւ։

-Ի՞նչ կ՚ընես։

Երիտասարդը պատասխան չտուաւ, գուցէ խօսքէն վախնալուն։ Ան առաւ պառաւին միւս դաստակը։ Կը շարունակէր մարձումը, ուժգին, աղմկոտ։ Վարժ իր շարժումները կու գային տարի առաջ, հօրը հիւանդութենէն։

Աղուորը, հագուած, երբ դարձաւ սենեակ, պառաւը բացած էր աչքերը։ Սողոմը մեղմացուց շփումը, բայց աչք չվերցուց Նալպանտենց հարսին, որ անցած տղուն հակադիր ճակատը, ծռած էր կեսրոջը դէմքին։ Ի՜նչ յոգնութիւն, ի՜նչ հեռաւորութիւն անոր աչքերուն մէջ, որոնք կը վախնային լոյսէն։ Թեթեւ հառաչանքի վրայ՝ անիկա փորձեց շարժիլ։ Չէր կրնար։ Չափեց մեղմով շուրջինները, զննող, երկիւղած ու անձկահար։ Ինչէ՞ն։ Գտա՞ծ էր գիտակցութիւնը, բայց խաղաղ էր անոր հայեացքը։ Ան ոչինչ տեսաւ անսովոր շուրջիններու երեսին։ Մտաբերե՞ց կրկին փոթորիկը։ Պայթա՞ծ, թէ վրիպած։ Ան չէր հարցներ։

- Տեղան ս 5 հոս բերէք։

Բայց զարմանալի կերպով յոգնեցաւ այդ զոյգ մը բառերէն ու հեւաց ամբողջ մէկ վայրկեան։ Յետոյ, առատ ու անդիմադրելի, հեւքը տարածուեցաւ կուրծքին։ Ու անոր հսկայ փորը, առանց կապի, կ՚իջնէր ու կ՚ելլէր։

-Վեր, տեղդ չե՞ս գար։

Տղան էր, առանց մօրը հսկողութեան, պառկելէ վախուն։

-Չեմ կրնար։

Լռեց։ Բայց կ՚ուժովնար կափկափիւնը անոր ատամներուն։

Յայտնի էր, որ խօսքը կը վնասէր։ Խելամուտ եղաւ այս տկարութեան բանգէտ պառաւը։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ, փորձով տեսած էր հոգեվարքը կանխող այս պատկերները ու ընտելացած անոնց ցուցմունքին։ Կեանքը, գեղերուն մէջ, այսպէս կը կքի, առանց որ մէկը կասկած ունենայ հիմերուն արժէքէն։ Ու կը ծրարուին մեր օրերը մահուան մատներուն տակ, յանկարծահաս ու անվերադարձ։

Հարսը վար կրեց անկողինը, զետեղեց զայն, քիչ մը այլուրային, դասական անկիւնը, արեգդէմ ու ոտքէ հեռու, ուրկէ պիտի վերցուին ընտանիքին մեռելները։ Օճախով սենեակները, այդ շրջանին ենթակայ էին նման յարդարանքի։ Մահէն առաջ այդ արդուզարդը, մա՛նաւանդ տարիքը կերածներուն, վերջին սփոփանքը կու տար պառկողին։ Հանգչեցաւ անոր մէջ հաճի Աննան։ Չէր զգար, որ հանուած ալ չէր։ Առջի իրիկուընէ մինչեւ սա լուսադէմի պահը՝ անիկա մնացեր էր ոտքի։ Հիւա՞նդ էր։

Իրողութիւն է, որ ծանր հիւանդի մը ներկայութիւնը յաճախ զօրաւոր ազդակ մըն է, անակնկալ ու խռովիչ, որ կը փոխէ ընթացիկ կարգը կեանքին։ Հաճի Աննան դիմագրաւա՞ծ էր եղերական կործանումը, որով կը դղրդէր տունը իր հիմերէն։ Առա՞ծ էր առաջքը հսկայ բախումին։ Ան չէր կրնար կտրուկ մտածել, բայց հզօր պայքար կը մղէր զինքը նուաճել ձգտող թմբիրին դէմ, վատ ու դժնդակ այդ սողոսկումին, որ կը քալէր վար ու վեր՝ սիրտէն դէպի ուղեղը, ըլլալով թեթեւ մշուշ ու պղտորում, դէպի ոտքերն ու ձեռնածայրերը, ըլլալով անհուն երկարում ու նօսրացում, չհատնող ճամբու, ճամբորդութեան մը զգացումին խառնուած։ Բռնի, զայրագին, իրարմէ հեռու կը մղէր իր կոպերը, որոնք թէեւ կակուղ, բայց ծանր էին՝ ձեւ առած կապարի թերթին նման ու կը քալէին դէպի իրար` լուրջ ու անդիմադրելի։ Ծունկի վերմակին տակէն, հարսը բռնած կը պահէր անոր մատները, որոնք փայտի պէս կարծր ու չոր էին, հակառակ քնքուշ իրենց մանրութեան ու չէին տաքնար։ Սերոբը բան մը ըրած ըլլալու համար պատիհոնէն առաւ ջուրին կուժը ու դրաւ սնարքին։ Անդրավարտիքով էր ան ու գէր անոր մարմինը կը լողար կտաւին ծալքերէն։ Այն ատեն միայն տեսաւ, որ մայրը հագուած էր։ Ու հագուած՝ Սողոմը, մինչեւ գուլպաները։ Ինչո՞ւ այսքան ուշ։ Ի՞նչ գործ կրնար ունենալ Սողոմենց Սողոմը սա պահուն, այս սենեակին մէջ։ Ու տեսաւ, որ քիչ էր մտածածը։ Հապա մո՞ւթը, հապա անկէ առա՞ջը։ Կնկանը եւ մօրը հետ, քով քովի։ Տառապած ըլլալու էր այս սուզումէն, վասնզի ձայնը հնչեց, դաժան ու գրգռիչ.

-Դուն ի՛նչ գործ ունիս հոս։

Սողոմը չէր իսկ նայած ձայնին։ Բայց անոր ափը մէջքն էր։ Ու դաշոյնի երախակալին վրայ պնդուած անոր ափէն սպառնալիքը կը տարածուէր ամբողջ մարմինին։ Այս պրկումը, ձգտումը տպաւորեց վախկոտ ու կնամարդ երիտասարդը, որ զարմացուկ, բայց մեղմ՝ դարձաւ մօրը։ Հարցո՞ւմ։ Չէր կարելի ճշդել։ Բայց ի՞նչ կ՚ուզէր անկէ։ Ինչո՞ւ կ՚ընկրկէր տան ծառայէն։ Ինչո՞ւ մոռցաւ կնիկը։ Տեսաւ ու զգաց ասոնք խելացի Սերոբը, բայց մնաց լուռ։

-Գնա՛ տեղդ, - մրմնջեց հիւանդը, աղերսարկու եւ հանդիսաւոր։

Առանց բառի, բայց առանց իջնելու իր փուշերէն ու գազանագին կարծրութենէն, Սողոմը ելաւ դուրս։ Երկու աչք սանդուխէն, երկու խիստ քայլազարկ, հատիկ-հատիկ, հայհոյութեան նման, գրգռիչ եւ վիրաւորիչ։ Նոյն այդ զարկը՝ անջատուող՝ բակէն ու հնչեղ։ Խուցի դրան եղերական, երկարուն, բարկացոտ ճռինչը։ Ու լռութիւն։ Որո՞ւ ուղղուած՝ անոնց իմաստը։ Ձայնի այս պատառները յստակ էին սակայն, արտակարգ ըսուելու չափ պարզ՝ երկու կիներուն համար։ Սերո՞բը։ Գիշե՞րն էր, թէ անոր գերագրգռուած զգայարանքները, որոնք այսպէս բացառիկ իրականութիւն մը կը ստանային։

-Բա՛րձ։

Դրաւ Աղուորը անոր կռնակին՝ խոշորկեկ ու թաւ բարձը, որուն վրայ ատենին դրուած էին, ըլլալու էին, նոյն հանդիսաւորութեամբ, կեսրոջ ու կեսրայրին գլուխները հաճի Աննային։

-Վառեցէ՛ք։

Չշարունակեց։ Հրամանը կ՚երթար ձեղունէն կախ մետաղեայ մեծ լամբարին, որ հաճի Արթինին փառքէն վրիպած գեղեցիկ նորութիւն մըն էր գեղին համար։ Հանդիսաւոր օրերուն միայն լուցկի կը մօտենար անոր։

Վառեցին։ Հսկայ լոյսը նուաճեց ստուերի բոլոր վարանոտ դալկութիւնները, պառաւին խղճմտանքէն վար ուրիշ ալ դալկութիւններ ու սենեակէն կարծես վանեց մղձաւանջը, որուն մէկ թեւը թէեւ հեռացած Սողոմին մեկնումովը, միւսը կը շարունակէր թրթռալ մահիճի շրթունքին։

-Ձգեցէ՛ք վարագոյրները։

Ինչպէ՞ս խելք չէին ըրած։ Ըրաւ ատոնք ալ, մեքենական, անկնիք շարժումով։ Չկամ էր ան ու իր խելքէն խթանուած, անձնատուր ներքինիի իր հաշիւներուն։ Բայց համբերութիւնը մօտ էր պատռելու։

-Ի՞նչ եղաւ։ Ինչո՞ւ չէք ըսեր։ Ի՞նչ կ՚ընէիք հոս։ Ի՞նչ կ՚ընէր ատ տղան հոս։

Տարափ մը այս հարցականները ոչ թէ բառերու, այլ՝ ճիչերու, որոնց իւրաքանչիւրի ծայրին անոր էգ ձայնը կը սպառէր ամբողջովին խղդուած ու փոշիացած, բայց հրաշքով ինքզինքը կ՚ըլլար, կրկին, նոյն գիծով, յաջորդին վրայ։ Հզօր բարկութիւն մը, նեղ ու վատ, որ անոր դէմքը կ՚այլափոխէր ու կ՚աւրէր ամբողջ շնորհը մարդկայինին, պտուտակի մը պէս կը ցածնար ու կը նեղնար անոր հագագին վրայ։ Այս խզուըրտիւնին ընդմէջէն զզուելի՛, այսքա՛ն կրնար ըլլալ այդ հոգին։ Ու գարշանքը՝ կոյանոցէ մը ինչպէս արտարձակ, բռնեց ամբողջ սենեակը։ Ոչ մէկ ատեն անոր կինը այսքան յստակ զգացեր, տեսեր էր այդ աղտոտ բանը, որ հոգիին աղբն է, թեւաւոր ու պաղ, ծանր ու մածուցիկ։ Ան բնազդաբար քաշեց ձեռքը պառաւին ափէն։ Լոյսով, որ կապուտիկ բան մը կ՚ըլլար անկիւններուն, ապակիներու շրթունքին, ողողուած սենեակէն կը յառնէր աղէ՜տը։ Զգաց ատիկա հիւանդը ու հեծկլտաց։

-Ի՞նչ եղաւ։ Ի՞նչ կ՚ընէր հոս։

Չկրցաւ աւարտել, այնքան սաստիկ էր կիրքը։ Բայց տարօրինակ էր, որ հակառակ յայտնի այս բորբոքումին իրմէն դուրս գար սուտի, կեղծի, անծածկելի հոսում մը, որ կը յիշեցնէր տղոց, անկարող ծերերու գոռում-գոչումը։ Այսպէս էր անիկա դպրոցին մէջ արդէն։ Այսպէս կ՚ըլլար մա՛նաւանդ փեսայութենէն ասդին ու միշտ մօրը յաւելումովն էր, որ անոր բարկութիւնը կշիռի կ՚ելլէր։ Այս յարմարումով էր, որ քալած էր անոր բռնակալութիւնը անկողինին վրայ։ Յետոյ, տունինները վարժուած էին այս ուռեցքներուն, որոնք ելլելնուն արագութեամբը սովոր էին իջնելու։

Բայց հարցումը, երկրորդ անգամ, կրակի պէս դպաւ Աղուորին։ Աղէտէն ետքը, ան պիտի մտածէր այս զգայութեան պատճառին ու պիտի չգտնէր։ Ինչպէ՞ս անիկա թօթուեց ինքզինքը, մէկ երկվայրկեանի մէջ։ Ցատկած էր ոտքի։ Փլո՜ւմ։ Կործանո՜ւմ։ Ամբողջ անցեալ մը մոխիր դարձած թուղթի մը պէս դիզուեցաւ անոր ոտքերուն։ Բայց կեցած էր անիկա շեշտ։ Լոյսին ամբողջ ալիքը, գեղեցկութիւնը չկրցաւ մեղմել, հակակշռել անոր աչքերուն ու երեսին անտանելի գռեհկութիւնը, որ մեծ կռիւներու, կիրքերու ընթացքին կը շինէ մեր անկասկածելի, վաւերական դէմք ը ։ Ազնուական ու նրբացած հոգիները այդ բռնկումին մէջ կ՚այլագունին ու կը շահին։ Արիւնին դալկութիւնը երբեմն հոգիին ալ դալկութիւնը կը մատնէ եւ դիտողութիւնը կարելի է ճիշդ նկատել հակադիր առումէն։ Ի՜նչ տգեղ էր ան, գորտի նայուածքին եւ ուռած այտերուն անկանգնելի տխրութեամբը։ Բայց ինչ ալ զօրաւո՜ր։ Կիներուն համը դուրս է իրենց շէնքէն ու կիրքը հանդարտն ալ, խելօքն ալ այդ համին խորհրդաւոր նշանա՜կը։ Անիկա պոռաց, թուքերը ցայտեցնելէն, էրկանը երեսին.

-Ի՜նչ կ՚ընէիք։

Զարկաւ ափը ափին, ինչպէս վարժութիւն է կիներուն փողոցային բախումի ատեն։

-Կը պագտուէինք։

Քար իյնար երկինքէն, այնքան սառում ու սոսկում չստեղծէր գուցէ։ Ուրկէ՛ գտաւ այդ անպատկառ, գրգռիչ համարձակութիւնը։ Դեղնեցաւ անիկա, անկարելի նուա ղ ումով մը, որ պարպեց անոր այտերը արեան վերջին կաթիլէն։ Զարհուրանքը բռներ էր զինքը։ Ու գտաւ, զգաց ինքզինքը անհաւատալի տկարութեամբ, ամբողջովին պարպուած ինքնիրմէ։ Ծունկերէն տաք ջուր, եւ ոսկորներէն՝ կապ։ Տեսաւ, որ կ՚իյնար, բայց կոկորդը կը սեղմէին։ Փռուած էր գետին, մեծատարած ճիչով մը, զոր փշուր-փշուր ըրաւ սակայն կոկորդին պրկումը ազատելու ճիգին մէջ։ Կորսնցուցա՞ծ ինքզինքը։ Իրողութիւն էր, որ անոր բերնէն սկսաւ դուրս գալ համաչափ, բզկտող ու մարդերը մինչեւ աղիքները գալարող այն նորելուկ աղաղակը, որուն ենթարկուած էին քանի մը մատաղատի հարսեր։ Շատ տարի չկար, որ մուտք ունեցեր էին գեղին մէջ այս հիւանդութիւնները։ Տեսակին մէջ շատ, խորքին մէջ մնալով նոյն, այդ ախտը կը հարուածէր բացառապէս հարուստ տուներու նրբենի եւ աւշային կիները ` աղուորցնելով անոնց զ աղփաղփուն աղուորութիւնը բարակ ու ազնիւ հովով մը, բայց ճուացնելով զանոնք խոզի պէս, աքլորի պէս։ Հարսները կը մռայլուէին, կը դեղնէին, կը դողդղային, կը մարէին։ Փակաչք՝ անոնք կը շարունակէին պոռալ սրտակեղեք իրենց ճիչը, միօրինակ, սուր, թափանցող, երբեմն հինգ-տասը վայրկեան, երբեմն ամբողջ ժամ մը։ Տագնապէն յետոյ անոնց կղպուած մատները կը թուլնային, փետտելու համար ինչ որ իյնար անոնց մէջ, ամէնէն շատ սեփական մազերը ու կ՚ելլէին ոտքի, խարխուլ, կոտրուած ու մռայլ, քանի մը օրուան համար։ Կային՝ որ անմռունչ կը պառկէին, փայտի պէս ու կը մնային օրերով անշարժ։ Դասական ու գեղացիներուն հանրածանօթ ցաւը ` լուսնոտութիւնը, չէր ասիկա։ Քաղաքէն եկած ըլլալու հակառակ՝ անիկա կ՚արհամարհէր քաղքի բժիշկները, որոնք կանխահաս ամուսնութիւնները կը մեղադրէին եւ արգանդի այս ախտերը կը կապէին արգանդի վիզին։

Կամարաձեւ՝ անոր իրանը կը գալարուէր թեւերուն եւ ոտքերուն լոյգ աղեղներուն վրայ։ Այս պրկումը՝ երկու վայրկեան, որմէ վերջ անիկա փլած էր շրջող սիւնի մը նման։

Ամբողջ տագնապի ընթացքին պառաւը բերնէն չէր բաժնած Մանասէ թագաւորին ամենաբուժ աղօթքը, որուն համբաւը անմեկնելի էր մինչեւ այդ միտքերը.

-Տէ՜ր ամենակալ, Տէ՜ր ամենակալ, Տէ՜ր ամենակալ…

Իր տունին վրայ խուժող այս նոր փորձանքը ստեղծեր էր անոր խարխուլ խորութիւններէն անտիպ ուժեր, որոնք կարծես անոր մարմինէն չճարուէին։ Կը գործածէր ձախ թեւը, որ մուրճի, դարբիններու հսկայ մուրճի զարկով մը կոտրած կը թուէր իրեն քիչ առաջ ու կը կառավարէր նոյն աչքերով ճչացող մարմինը հարսին ու ահաբեկ փոշիացումը տղուն։

Ամբողջ տագնապի ընթացքին Նալպանտենց Սերոբը, քար կտրած, սպասեր էր կնոջը լսելուն։ Հետզհետէ ան թափանցեց նախատինքին, բայց զայն կը հասկնար ինչպէս ամէն խաբուած էրիկ, այսինքն՝ չհաւատալով։ Ու այս ստուգութեան ուժովն էր, որ պոռաց, ոտքերը գետին զարնելով, ձայնն ելածին չափ՝

-Մօրդ տո՛ւնը…

Անիկա առաջին անգամն էր, որ էրիկմարդու շեշտ կը գտնէր։

Հարսը գլուխն անգամ չդարձուց։ Լսա՞ծ էր։

Շունը կրկին ձայն տուաւ։ Պառաւը, հակառակ ահուն սպառումին, մէկ ձեռքով սիրտը բռնած, միւսը կռթնցուցած տախտակամածին, կ՚աղերսէր.

-Կամաց, զաւակս, կամաց… ալէմը չիմանայ, կամաց։

Գերագոյն մտահոգութի՜ւնը պառաւին։ Ան կը պաշտպանէր տունին հզօրագոյն խորհուրդը։ Տկար այդ արարածին դէմ, որ հիւանդն էր սա պահուն, անոր տղան, կիներու յատուկ ցուցամոլութեամբ մը աւելցուց իր ձայնը ու գրեթէ փողոցէն լսելի բարձրութեամբ մը կը պոռպռար.

-Մօրդ տո՛ւնը, մօրդ տո՛ւնը, պո՛ռ…

Բայց բառը կէս մնաց բերնին։

Յայտնուած էր Սողոմը, սենեակի սեմին։ Ուրուականի պէս, կտրուկ ու ցուրտ՝ ան բուսաւ անակնկալ, դաշոյնը մերկացուցած ու կանգուն մը երկարած մարմինէն առաջ։ Քիչ առաջուան մեղմ ու աղկաղկ ծառան չէր հիմա։ Սեւցած էին աչքերը ու չէին նայեր։ Աւելի տարօրինակը անոր գօտիին ծաւալումն էր, ուսերէն մինչեւ զիստերը ` պատկերելով տիպարը նոր տղոց։ Անո՛նց՝ որոնք կանչուած էին արկածներու կենցաղին։ Ե՞րբ գտեր էր անիկա այդ մէջքը։ Եւ անոր դէմքը կ՚արտայայտէր արիւն ու կրակ։ Ոճիրին այս զգեստաւորումը չարագուշակ է ու գեղացին վարժուած է պատկերին։ Շաբաթ չ՚անցնիր, որ անոր ահաբեկ աչքերը չդաշունուին այս կարգի ելոյթներէ։ Կը ճանչցուին այդ տղաքը, առաջին իսկ ակնարկով, որ անոնց դաշոյնները կը նետէ այդպէս իրենցմէ կանգուն մը առաջ։ Ընդմիշտ կործանած է ան, որ դանակ կը քաշէ ու կ՚ընկրկի։ Գեղացին անխնայ կը հեգնէ, մինչեւ իրենց մահը, այդ «օդ դանկըտող»-ները։ Այս է պատճառը, որ անոնք ըլլան այսքան ճակատագրական։

Խելայեղ՝ Նալպանտենց Սերոբէ էֆէնտին հազիւ ատեն գտաւ կնոջը վրայէն ցատկելով, ապաստանելու մօրը ետին։ Կարճ անոր մարմինը գրեթէ կը կրկնէր պառաւին հասակը, որ պաշտպանեց զայն իրանէն ` վերմակը տեղաւորելով գլխուն, սրտին՝ ինչպէս ագռմէջին գաւառներուն։ Փորձութիւնը կը վարէր պառաւին շարժումները։ Աղուո՞րը։ Կիսախուփ աչքերով կը հետեւէր իրողութեանց։

Ու զարհուրագին գեղեցկութիւն մը կար պատկերին վրայ։ Հարսանեկան այս լուսաւորութեան մէջ դաշոյնը, ակօսաւոր իր մարմինէն ճառագայթներ կը ցրուէր ու կը թրթռար, կաթիլ-կաթիլ իր սայրէն, զինքը այդպէս դողացնող ձեռքը ընելով հեքիաթի մը պէս գեղեցիկ եւ իրաւ։ Պարման ու սրտոտ անոր հասակը կը լուացուէր դեղնութեան ջուրի մը մէջ, որ անտես, բայց իմանալի շնորհի մը պէս կ՚աւելնար սուրին ստեղծած առքին։ Գտնելով տարածութիւնը բաց իր առջեւ՝ անիկա նետեց գետին, իր սայրին վրայ, մահուան գործիքը, որ մխուեցաւ տախտակին, պահ մը թրթռաց ու կեցաւ հանդարտ։ Պառաւը աչքը չէր բաժնած արծաթ այդ առարկայէն։

Առանց նայելու անկողինին՝ Սողոմը իջաւ ծունկի Աղուորին դէմ։ Իբր թէ իր կնիկը, քոյր, մայր ըլլար, անիկա այդ տեսարանին առաջ, մանկացաւ գրեթէ, խանդաղատ, յանկարծական փղձկումով մը, որ անոր խառնուածքին հիմնական բխումն էր կազմեր մինչեւ սա կնիկին ծոցը ու ասկէ առաջացած նոր բռնութիւնը։ Առաւ դաստակները, զոյգ՝ իր լայն ու բռնկած ափին մէջ։ Ի՜նչ պարզ եղան այդ միսերը իր ափին մէջ։ Ան չէր հաւատար։ Անկող ի նին ետեւէն շարժում մը գրաւեց իր ուշադրութիւնը։ Աչքերը, կատաղի եւ արիւնոտ, չափեցին մօրը կռնակէն կէս գլուխ հայող Սերոբը, որ չքացաւ ու վերմակ դարձաւ։ Յետոյ նայեցաւ, մեղմ, Աղուորին։ Լոյսին առատ դեղնութեան տակ հարսին դէմքը, թեթեւօրէն դալկոտ, կը հեռանար կարծես մեր աշխարհէն։ Կը պատահի այս պատրանքը, երբ աչքերը բացակային դէմքէն ու գոյները հաւաքուիլ յամառին։ Մեղմ ու խորունկ բանով մը, որ սէրն ըլլալու էր, ան կը շփէր դաստակները, փափուկ, կապտաւուն, երկնային խմորի պէս դաշն ու ճշմարիտ մսի նման սրտառուչ այդ բեկորները անոր մարմինին, որ մութէն, վերմակէն, վախէն եւ ուրիշ բաներէ գողցուած մինչեւ սա րոպէն, անոր զլացած էր իր խռովքին ամբողջ կշիռը։

Փողոցէն, դադրեցաւ շունը։ Փոխարէն՝ լեռ, փայտի գացողներու վաղայարոյց խումբն էր, որ ձայն կը ձգէր։ Կը սկսէր ուրեմն դուրսը, ինչ որ կեանք կը կոչուի, իրականութիւնը, տունը, զբաղումները… ծառայութիւնը։ Մինչ անոր մատներո՜ւն տակ…։ Շփումէն թէ ուրիշ պատճառի տակ՝ Աղուորին նուա ղ ումը խորտակուեցաւ։ Թարթիչներուն շուքէն՝ ինչպէս անդունդէ մը, ծագեցաւ անոր բիբին մէկ մասը, հոգիի կտորի մը պէս, պարզ, մատնող, անծածկելի։ Յետոյ՝ թել-թել բացուեցան աչքին անտես հիւսքերը, որոնք նայուածքը կ՚ընեն։ Դարձաւ արիւնը անոր երեսին, այրելու եւ թաւշանալու։ Եւ ունեցաւ անիկա, զեղուն, մերկ ու բարի մէկը այն նայուածքներէն, որոնց կրունկին տակ երիտասարդը կը ստիպուի երբեմն եօթը լեռնէն անդին անցնելու, կամ ծերը իր տունն ու տեղը կ՚աւրէ, մարմինն ու հոգին անթարթ՝ մորթելով։ Կիները ունին այդ պահերէն եւ գիտակ են անոնց արժէքին։ Վտանգի ն մէջ, էրկանը աչքին դէմ սկսող այս տարփանքը Աստուած միայն գիտէ, թէ ո՛ւր պիտի տանէր մինչեւ անոր սիրտը։ Անոնք խօսեցան իրարու մատնելով ու աչքերով։ Բայց սկսող այս քաղցրութիւնը մթագնեցաւ նոյնքան անակնկալ յուզումի մը ներքեւ։ Աղուորին աչքերը քողուեցան անստոյգ ու ծանր բաներով։ Գիտակցութիւնը անոր կը վերադարձնէր անսրբագրելի իրականութիւնը, Նալպանտենց տունը եւ Սերոբին անկողինը։ Շատ զգացած ատեննիս է, որ կը մտածենք շատ ալ արագ, ու պատկերէ պատկեր կը հոսինք այնքան թեթեւ, որ շարժումն իսկ չենք զանազաներ։ Անվախճան գիտութեան կսկի ՞ ծն էր, որ անոր մէջ վերածուեցաւ արցունքի տարափի մը։ Կարծես անոր հոգիին վրայ գորշացող ամպը պատռուէր եւ թափէր դուրս։ Կու լար բարձրաղաղակ, անվերապահ ու յուսահատ, ճիշդ ու ճիշդ թելադրելով պատկերը կեանքին, որուն մէջտեղը կը կենար հիմա ` ունենալով մաս մը ետին, սեւ անցած մը, բայց մա՛նաւանդ մեծագոյն մաս մը առջին, մինչեւ գերեզման քաշկռտելով ահաւոր դիակը իր մարմինին։ Պահ մը եկան անոր փափաք մը՝ լռելու, ամօթի ճնշում եւ ուրիշ բաներ, որոնք ընկերութիւնը, հաւաքական կենցաղը, գեղին ծանր աւանդութիւնները կը դարբնեն մեզի համար։ Բայց նոյն պահուն Սողոմին մատները կ՚անցնէին անոր մազերէն գողտր, գգուելի կրակի մը պէս։ Աչքերուն փոսիկները իջան ` դողահար ու սի ր աւէտ։ Ասիկա ցնցեց սկսող նուա ղ ումը եւ փարատեց արցունքին տարափը։ Ո՜վ տարօրինակութիւնը մարդերու սիրտին։ Ու սո՜ւտը, վատ, գռեհիկ սուտը օրէնքներուն, որ կը շինենք մենք ` խելացիներս, ու անոր վրայ կը խարսխենք աշխարհի կարգերը ու, մա՛նաւանդ՝ սրտին մոյթերը։ Ո՜վ մեր յիմար ճարտարապետութիւնը։ Մեր յաւակնոտ հոգեգիտութիւնը, իր տարազներուն խայտաբղէտ օրինագիրքովը։ Ամբողջ շաբաթ մը, առջի իրիկուընէ մինչեւ արշալոյս, Նալպանտենց հարսը ունեցաւ այս տղան իր ծոցին, բայց օտար, դուրսէն մարմինի մը պէս։ Ունեցաւ հպարտութիւնը անոր հասակին, ու անկէ հոսող առնութիւնը, կսկծոտ, ջերմին, հզօր, բայց ունեցաւ իր հաշուոյն։ Հակառակ իր կամքին չխօսեցաւ անոր ո՛չ բերնէն, ո ՛ չ ալ մարմինին այն մասերէն, որոնց գիտենք այնքան խորունկ լեզուներ տալ, երբ փափաքինք։ Անոր սպասեց ոչ իր սիրտէն, այլ՝ ուրիշ կեդրոններէ։ Անոր երազեց միայն ու միայն այն ժամերուն հաշուոյն, որոնք անկողինի մը մութը այնքան կայծկլտուն, ակօսուած, բաբախուն կ՚ընեն։ Օտար էին սակայն անոնք իրարու։ Երբ զայն ճամբու դնէր լուսադէմ՝ ան կ՚անդրադառնար կիներուն, որոնք լեռ կը հանուին, կը լլկուին, կը մեռցուին կամ գեղ կը դարձուին, բայց որոնց խորհուրդը կը կրծէ բոլոր կիներուն զգայարանքները։ Սէ՞ր։ Անիկա չէր մտածած նման յիմարութեան մը։ Մնաց որ, էրիկները խաբող կիները շատ ցանցառ են կարգ մը գեղերու մէջ։ Ան լսած էր անոնցմէ հատ մը։ Կը հաւատար մինչեւ երէկ, գուցէ սա պահը, անոր հաւաստումին, որ կը հերքէր սէրը, բայց կ՚օրհնէր վայելքը։ Որուն բերած փաստերը կը պատշաճէին թուրք կիներէ երգի ելած դրուագներուն ու բաւ էին լուսաւորելու կիներով յօրինուած տրամները։ Բայց հեքիաթը հեքիաթ է, այսինքն՝ արտաքին ամէն իրականութիւն հովին նման կը դպի մեզի ու կ՚անցնի։ Սէրը, մահը, գայթակղութիւնը, ուրիշներու քամակին երկաթէ գունտի կը նմանին ու պղպջակ՝ մեր աչքին։ Նալպանտենց հարսը չէր խորհած, հասկնալու ճիգով, այն քանի մը վիճակներուն, որոնք կ՚եր գո ւէին, բայց անհասելի էին։ Մահէն ալ վեր, խոր դէպքեր ատոնք, որոնց մէջ կինը, միս-մինակը դէմ կ՚ելլէր աշխարհին օրէնքներուն։ Ու կ՚ընդունէր իր սիրածը իր յարկին տակ։ Գայթակղութիւն, զաւակ, ազգական, ընտանիք, բոլոր կարգուսարքը, զոր դարերը պուտ-պուտ ճարած են իբր յատակ մեր կիրքերուն հոսումին։ Ու ինչ որ մեր հոգիին վախը կը կազմէ։ Ասոնք նկատելի, երբեմն դժնդակ, երբեմն գեղեցիկ բառեր ըլլալու էին։ Բայց կայ կինը, կայ մարդը, որ կը ցատկէ ամէնուն վրայէն։ Եւ եղան՝ որ մեռան այդ ճամբու կուշտին, բայց չդարձան։ Ու կար այս պահն ալ։ Ու ահա կ՚ըլլար անիկա իրականութիւն Նալպանտենց հարսին համար ալ։ Այս թափանցումը տեղի ունեցաւ անկողինէն դուրս։ Ու պարպուեցաւ անիկա ընդմիշտ։ Ու բացաւ անիկա դուռները իր հոգիին։ Կապուած էին իրարու՝ գործածելու համար ընթացիկ բանաձեւ մը, ճակատագրին հանգոյցովը։ Չորցան արցունքին ճամբաները։ Ելաւ ոտքի։ Թեթեւ, նոր, սկսող։ Մէկէն օտար զգաց ինքզինքը սա տունին մէջ եւ առժամեայ։ Կարծես լարեր երկնցան իրմէն դէպի դուրս։ Ո՞ւր։ Չէր գիտեր։ Բայց ամուր կը զգար։ Բայց կը հրէին զինքը։ Դո՜ւրս այս տունէն։ Որքան ատեն, որ տղուն աչքերը եղան իր վրայ՝ անիկա պահեց իր յուզումը, փոթորիկը։

Գեղերուն մէջ, երբ դանակը փայլի, արիւն ու արցունք կը հետեւին անվարան։ Ինկողին վրայ լացին ու կոծին մէջ, զարնողը նոյն այդ զէնքով կը ճեղքէ ամբոխը, կը բանայ իր ճամբան ու կ՚ամրանայ դէպի լեռ։ Շատ հազուադէպ է, որ հոս պատահածին նման գիշեր մը, մինակութիւն մը, մա՛նաւանդ գայթակղութ ե ան մը սարսափը տիրապետեն տեսարանին ու արիւն չհոսի այս հաշիւներով։ Սիրտի ցաւ։ Ներքինի էրիկ մը։ Սիրուած կնիկ մը։ Պատճառներ՝ որպէսզի դաշոյնը մխուի տախտակին ու չշարժի։ Դաշո՛յնը, սենեակին մարդերուն մէջէն ամէնէն խելօ՜քը։ Միւսնե՞րը։ Պառաւը մտած էր ամօթալից հանդարտութեան մը մէջ։ Ան կը տառապէր իր հաշուոյն։ Սերոբը՝ մօրը կռնակին, ապշահար ու խեղճ։ Տիրակա՛ն՝ Սողոմը, որ այս հաւախօսէն իսկ կը մտնէր նոր իր կեանքին։ Անիկա ամբողջ գիտակցութիւնն ալ չունէր կատարուած փոփոխութեան։ Դէպի արիւնի եւ ոճիրի պողոտաները անիկա կը քաշուէր ամուր ու արագ։ Կասկա՞ծ։ Չունեցաւ այս փոքր բանը, վասնզի քիչ առաջ, երբ սեմէն նետեց դաշոյնը առաջ ի ր ուսերուն ամբողջ թափովը, անիկա դուրս էր ալ իր անցեալէն, մօտիկ ներկայէն, խակ պատանիէն, որ կնիկի մը ծոցէն կ՚առնէ կրակին առաջին մկրտութիւնը։ Երկարեց ափը գետին։ Վերցուց դաշոյնը եւ զետեղեց գօտիին խորը։ Այն ատեն տեսաւ, որ ընելիք չունէր, բայց չէր կրնար մնալ, մա՛նաւանդ չէր կրնար հեռանալ։ Տուաւ կռնակը պատին։ Չէր մտած ե ր ու սուզուած կը թուէր։ Աքաղաղները արագ-արագ կը պոռային։ Փողոցին վրայ ուրիշ ձայներ ծայր տուին։ Մօտ էր լոյսը։

Սողոմին դաշտ մեկնելէն ետքը, պառաւը մտաւ ծանր, բայց հանդարտ քունի մէջ։ Ի՜նչ տաղանդով անոր յաջողուեցաւ զսպել ծառան, համոզել ու ղրկել գործի։ Ան գոցեր էր աչքերը պարտասած բոլորովին այն յուզումներէն, որոնք իրենց լրումը գտան լուսցող գիշերուան մէջ։ Անոր թմբիրին դէմ, էրիկ-կնիկ մեղմով ելան դուրս։ Անոնք տեղ չունէին իրենց ամօթին։ Քաշ ո ւեցան բռնի, իրենց սենեակը։ Հոդ, այդ լլկուած վերմակներուն վրայ, ուր առտուան լոյսն իսկ կ՚իյնար աղտի մը պէս, անոնք մօտեցան իրարու։ Մարմնի շփում մը չէր կատարուած։ Սերո՜բը գիտէր ամէն բան…

Հինգ վայրկեան յետոյ անիկա կ՚իմանար ամէն բան։ Ինչո՞ւ այս խոստովանանքը, անպէտ ու անօգուտ՝ այդ մարդուն դիմաց։ Ցած ձայնով, առանց դոյզն տագնապի, զարհուրելի բնականութեամբ հարսը պատմեց պատահարը։ Մինչեւ յետնագոյն իսկ նեարդները կապուած, շղթայուած՝ Սերոբը մտիկ ըրաւ։ Առաջին իսկ թափանցումէն անիկա խորտակուեցաւ իր բոլոր շպարուն կարծրութենէն։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ սրճարանի պատմութիւն մըն էր, որ մտիկ կ՚ընէր, օտար իրեն բոլորովին, բերանն ալ, դէպքն ալ օտար։ Գեղերու կեանքէն է՛ն հզօր պատահարը այսպէս ձեւի մտած, այս հասակով ու պարզութեամբ, կը դադրէր իր արիւնազանգ խռովքէն։ Կը դադրէր մա՛նաւանդ իր եղերականութենէն ` կնիկի մը հաշիւներուն ցանցին յարմարելու չափ։ Ի զո ՜ ւր փնտռեց իր մէջ այս գալարումը, ամբողջ անձին կծիկի մը պէս ոստումը, որոնք երգին մէջ կը թրթռան ու «աչքերուն առջեւ կրակ կը կապեն»։ Դանա՜կ՝ որ կը շուլլուի շրթներուն քովերէն, կը հերկէ այտերը, կը պատռէ աչքին գունտը, կը գտնէ ծիծերը եւ կը բզկտէ արգանդը։ Քանի՜-քանի՜ մարդերուն գրուեցաւ այս բախտը։ Կա՛մ չուան, կա՛մ մատներու օղակ, կա՛մ բարձ, կա՛մ անկողին, որոնք կը նետուին կնոջ մը վրայ, զայն կը մեռցնեն քիչ-քիչ, հ ամրել տալով կեանքին վերջին զարկերը անոնց մեղապարտ լանջքին ներքեւ։ Այսպէս կը պատմեն հիները, խաղերը, բանտերը։ Սերոբին զգացա՞ծը։ Կնիք չունեցող յուզումներ, որոնք բարկութեան վերածուելու համար կը պահանջէին ճիգ ու պրկում։ Կի՞րք։ Չէր կարելի այդ անունը տալ այն քանի մը սարսուռներուն, որոնք, բոլորն ալ մարմինին վերին կալուածներէն, լար չունէին մինչեւ անոր ողնայարը։ Շարժումի ելան աչք, քիթ, ուղեղ։ Քիչ մըն ալ շրթները։ Բայց կը նեղուէր կուրծքէն։ Օդի՞, զովութեա՞ն պահանջ։ Չբացաւ սակայն պատուհանը՝ դէմի տուներէն վախո՞ւն, լոյսէ՞ն ամչնալուն, թէ ուրիշ աւելի թաքուն պատճառի մը տակ։ Եղաւ ատեն, որ աչքերը չհամարձակեցան խօսողին վրայ կենալու եւ սահեցան գետնի գորգին։ Հարսը ըրած էր իր պատմութիւնը, առանց նայուածքը վեր, դէպի էրիկը ընելու։ Առաջին բառերէն ետքը, շեշտուած էր անոր բնականութիւնը։ Անմեղութեան պատրա՞նք մը այս վստահութիւնը կը յօրինէր, թէ ուրիշ աւելի խիստ որոշում մը։ Երբ աւարտեց, կը նմանէր մէկու մը, որ կեանքին հզօրագոյն զոհը կու գայ ընելէ եւ դուրս է վախէն։ Ինչպէս կեանքէն։ Չփոխեց գոյնը։ Մազին թելն անգամ չդողաց տեղէն։

Քիչ-քիչ, ինչպէս կը պատահի կարգ մը հեքիաթներու մէջ, Նալպանտենց Սերոբին տրուեցաւ լիակատար թափանցումը պատահարին։ Այդ իւրացումի ընթացքին ան հաստատեց նաեւ իր զարմանքը։ Ինչպէ՜ս հարցումներով, հեւքերով չէր ընդմիջած այս ցնորական խոստովանութիւնը։ Ինչո՞ւ գլուխը հսկած էր դուռը շարունակ ` սպասելով անկէ փրկարար հրաշքը ` մայրը, որուն հուրքը, քաջալերը չէր պակսած իրեն, վտանգի բոլոր պահերուն, մինչեւ սա րոպէն։ Ու տունը տուն էր նորէն։ Ու կինը՝ կի՜ն։ Երբ լսեց Աղուորը, սենեակին մէջ նոր բան մը խոշորցաւ։ Ի՞նչ։ Չէր գիտեր, բայց կը զգար։ Ձեռները ծունկին, աչքերը պատուհանէն դուրս՝ Նալպանտենց հարսը կը նմանէր մէկու մը, որ մնաս բարով կ՚ըսէ իրեններուն։

-Ե՞տքը։

Այսպէս է, որ մտիկ կ՚ընեն գեղացիները հեքիաթը։ Հո՛ն՝ ուր պատմողը կանգ կ՚առնէ, պայմանադրական հարցումը ինքնաբերաբար կը ցցուի։ Այնքան իրաւ է, որ չենք հաւատար մեր դժբախտութեան, մինչեւ որ չնուաճուինք։ Հոս, Սերոբին բերնին մէջ հարցո՞ւմը։ Լեղի, ստորին հետաքրքրութի՞ւն (զոր սեռային հարցը կը ստեղծէ կիսախորհուրդ եւ գռեհիկ), թէ նշա՜նը փոթորիկին, հեռուներէն փրթող եւ առաջին հեւքերը առաքող։ Որձեւէ՛գ, հարցումը, ինչպէս եղած էր զայն արձակող բերանը։

Պատասխանի փոխարէն հարսը նայեցաւ առաջին համարձակ նայուածքը անոր երեսն ի վեր։ Յստակ ու իրա՛ւ, այդ հայեացքը։ Չենք հասկնար, որովհետեւ չենք ուզեր։ Անոր էրիկը կ՚ամչնար։ Ու դժուար, տանջող լռութիւն կար, հեռաւոր, ծովերու պէս բաց միջոցին մէջ, որ հազիւ երկու քայլով կը զատէր անոնց մարմինները։

Որքա՜ն ուզեց, որ անիկա ճարէ իր ա լ քերէն այն խանդը, կիրքը, ոճիրին կրակը, որ կը պատմուի երգերէն ու օղակէ սա պոռնիկը պուկէն, ինչպէս կ՚ընեն բոլոր էրիկները, երգի անցած կամ ոչ, ու սեղմէ մինչեւ որ չորնայ անոր հոգին ու սատկի։ Որքա՜ն ուզեց, որ ճշմարիտ էրիկմարդու մը նման, ինչպէս կը պատմէին միշտ գեղին տրամները, անիկա բռնէր սա գլուխը մազին հիւսքերէն ու հասուն դդումի մը նման ձգէր դանակի բերնին ու շերտ-շերտ, դիգա-դիգա 6. մանրէր անոր միսերը։ Մտապատկերները կու գային-կ՚երթային անոր ուղեղէն։ Բայց անոնց գործողութեան վերածումն է, որ կու տայ մարդերուն կշիռը։ Յետոյ եկան ուրիշ նկատումներ, խուլ ու ահաւոր վիրաւորանքը, որ կը հասնէր ծառայի կտորի մը բերնէն Նալպանտենց անունին։ Իրողութիւն էր, որ Նալպանտենց տղաքը, իրենց բոլոր անկումներուն մէջ, պահած էին իրենց կնիկներուն պատիւը անմերձենալի։ Տեսաւ զինք ծիծաղելի, եղկելի, գեղին մէջ մէկ փարայի։ Որուն խօսքը կոտրուած է մէջքէն։ Որ պարտաւոր է կուլ տալու նախատինքը կամ դանակ բարտելու։ Իր ճղճիմ հոգիին ցուրտը մշտապէս կը տարածուէր այս տեսարանումին վերեւ։ Զղջաց, չարաչար, խօսեցուցած ըլլալուն։ Կը խաղար, դժբախտ անկարողութեամբ մը, մեծ մատովը, վերմակի մէկ անկիւնակապին հետ, ճմռկելով լաթին սուր կտուցը, ականջի մը բլթակին նման։ Ուզեց փոխել տրամադրութեանց իր յատակը։ Միջոցներով այնքան առատ անոր միտքը չէր ազատեր աղտին այս սոսնձումէն։ Ինչո՞ւ լքեր էին զինքը իր սողոսկուն նրբացումները, փառաբանուած խելքն ու անոր ազդեցիկ ցուցմունքները, որոնք զինքը գերակշիռ կ՚ընծայէին ներքին միջակ վէճերու մէջ առնելիք-տալիքի, բաժինքի, իրաւախոհութեան ։ Անոր ուղեղը չէր գործեր այդ պահուն։

-Դուն ինչո՞ւ ներս առիր։

Որքա՜ն լռութենէ ետք։ Դիւրին չէր ճշդելը։ Բայց ձայնն էր Սերոբէ էֆէնտիին, երբ կառավարական յանձնաժողովներու մէջ, յանցաւորները ոստիկանին յանձնելէ ետք ը, անոնց կապուած վիճակէն ապահով, էֆէնտին իր խելքը կ՚արժեցնէր հաւաքուած ամբոխին։

-Ինչո՞ւ չպոռացիր, կ՚ըսեմ քեզի։

Հարսը նայեցաւ շեշտ։ Այս հարցումներուն ամօթալից յիմարութեան տակ՝ ան կը տեսնէ՞ր իր էրիկին անսրբագրելի եղերական անկարութիւնը, խօթութիւնը, անդամալոյծ առնութիւնը։ Կախեց գլուխը, կուլ տալով թուքը, թերեւս ըսելիքը։ Թեթեւ, դժբախտ արհամարհանք մը, որ անոր երեսին տրտում արգահատանք մը կ՚ըլլար անցեալին մէջ ու կը մեղմէր էրկանը անկարող դառնութիւնը, իր միսերուն հրդեհին դէմ այդպէս պաղ, քրտնողող ու ջախջախուած, տարտղնեց անոր դիմագիծերը, ամօթին կալանքէն, ա՛նկէ՝ որ այդ խոստովանութեան մշուշոտ անդրադարձը կը թուէր ըլլալ։ Բայց իր մարմինը կարծրացաւ ու չարութեան աներեւոյթ հոսանք մը կ՚ողողէր զայն։ Էրիկը ոչինչ կը տեսնէր։

-Ինչո՞ւ ներս առիր։

Բարձրացաւ ծունկերուն, յարձակումի պատրաստուող տղոց յոխորտութեամբը։ Իր հարցումը տաք էր։ Ու բարկութեան ջնարակ մը կ՚ընէր անոր բառերը խիստ ու գրգռիչ։

-Չառնէի՞։

Բայց չար ու տաք էր անոր բերանը։ Ու ասիկա զգաց անոր էրիկը։ Նալպանտենց գառնո՜ւկ հարսը։ Ինչպէս վարժուած էին լսել անոր ականջները։ Չէր դ իտած, թէ ինքն ալ ելեր էր ծունկերուն, կռիւը ընդունելու դիմաւոր դիրքով։ Անոնց աչքերը, դառնալով իրենց կոպիճներուն խորը, կը ջանային իրար սեւեռիլ։ Զիրենք բաժնող միջոցը երկու քայլ կը մնար նոյնը ` զիրենք բռնելով երկու անդունդներու վերեւ։

-Չառնէի՞։

Կրկնեց։ Բայց անոր աչքը գտաւ այն խոր, անհնարին արհամարհանքը, որ կնոջ մը դէմքէն քիչ անգամ կը հաւաքուի։ Նալպանտենց Սերոբը ուրիշներու կինը եղած ատեն կը յիշէր միայն այդքան վերէն նախատուած ըլլալ, երբ կը թքնէին քիթին ու բերնին։ Սարսափեցաւ անիկա։ Մինչեւ սա՛ անկողինը՝ ինչ որ իր պատանութեան կեղը կազմեր էր։

-Ո՞վ ես դուն։

Երրորդ յարձակողակա՛ն՝ որուն ուժը Նալպանտենց հարսը կը հանէր իր զրկանքէն, բայց որուն թաքուն իմաստէն անմասն էր անոր ուղեղը։ Էրիկ չտեսած կնոջ մը բերնէն այս նախատինքը զայն կործանեց բոլորովին։

Աղաներուն ու փաշաներուն դէմ լեզու չափող հաճի մօրը տղան, որ իր խօսքին ուժը եւ խելքին կշիռը տուեր էր այնքան անգամներ եւ գեղին մէջ ոչ ոքէ վար կը մնար սրամտութեան, բառով մարդ ծակելու, արիւնելու, սպաննելու արուեստին մէջ, ո՞ւր, ո՞ր ծակը պահեր էր այդ օձի լեզուն։ Մինա՞կ լուռ։ Խօսիլ չկրնալէն աւելի՝ ան կը չարչարուէր աւելի նուաստ խայթումներէ։ Մեր տկարութիւնները մեր արիւնին հետ հաշտութեան, ապրումի, հաւասարակշռութեան կերպ մը կը գտնեն վերջ ի վերջոյ։ Կը տանինք զանոնք այս ու այն ձեւով։ Բայց կը պատահի, որ նեղուինք, երբ հոգեկան հեղանիւթին մէջ անոնք այս ու այն պատճառով գերակշիռ դառնան։ Կու գայ պահը, երբ վատն իսկ կը զայրանայ վատութեան դէմ։ Երեւոյթը նոյնն էր Նալպանտենց Սերոբին համար։ Ներքին այս խթանումին տակ շեշտուեցաւ դալկութիւնը անոր իւղոտ երեսին։ Ռունգերը, բարակ ու գունատ, դողդղ ալ առին, նշա՜ն՝ անոր մէջ թանձրացող անձուկին։ Վախկոտներուն մօտ խղճալի օրէնք է այս ինքնազսպումը եւ անոր հետեւող շունչի անձուկը, ա՛ն՝ որ կատաղիներուն մօտ աղէտի կը վերածուի եւ մարդը կը ճաթեցնէ կռնակէն։ Կրաւորական այս գրգռութիւնը ինչպէ՞ս փոխուեցաւ յարձակողական, վայրագ պոռթկումի։ Ո՞ր մութ ուժը մէկտեղեց անոր ձեռքերը, մատները պրկեց, լարեց, դրաւ ապտակի ձեւին եւ իջեցուց զանոնք, զոյգ՝ կնոջը դէմքին։ Աւելի ետքը, պատահարներու ստացած եղերական գնացքին ատեն՝ անիկա պիտի խորհէր յաճախ այս ձախաւեր արարքին, պիտի փնտռէր զսպանակ ու պիտի չգտնէր։ Խե՜ղճը։ Չէր գիտեր, թէ կը գործէր սեփական անցեալին կշիռին տակ։ Ի՜նք՝ որ ոստիկաններու շրջապատին մէջ, թուրքերու ամենակար բարկութեան տակ, կառավարութեան դուռը, կը ծեծէր շղթայակապ հայ բանտարկեալները, հայհոյելով անոնց կնիկին ու աղջիկներուն։

Աղուորին համար անակնկալ, որքան խորապէս գարշագին այս արարքին լրիւ ծանրութիւնը չանցաւ Նալպանտենց հարսին, սպասելի արագութեամբ։ Ու ահա պատճառներ։ Գեղին կարգ մը թաղերուն մէջ, այդ օրերուն էրիկէն ծեծ ուտելը դեռ բարքերու մաս կը կազմէր։ Երբեք նուաստ, կարելի էր նոյնիսկ հպարտ բան տեսնել այն ճուոցին մէջ, որ կը բարձրանար օրուան որեւէ կէտին, տանիքներուն ներքեւէն։ Սուր ու երկարուն ճիչեր, կիներուն բերնէն, պաշտօնական ու պարզ, առանց նախատինքի։ Ու կը դողային թաղերը, փոքր ու իրար բացուած, այրերուն պոռչտուքովը, հայհոյութեանց պատկերուն, գ եղեցիկ հեղեղովը։ Բայց արարողութիւնը ունէր համ ու վայելչութիւն։ Ծեծը սիրոյ եւ հեշտանքի արժէքաւոր, փնտռուած, անհրաժեշտ տուրք մըն էր մատուցուած հսկայակազմ, գեղանձն այրերէն, անոնց սիրտէն ու բռունցքներէն, որոնք ցերեկը ծեծ, բայց գիշերն ալ աշխարհք մը վայելք, համ, գինովութիւն գիտէին թափել իրենց կիներուն ծոցը, նոյն կիրքով ու նոյն գորովով։ Ասիկա ընդունուած գլուխներէն մէկը կը կազմէր այրերու սիրային օ ր ինագիրքին։ Բայց…։ Ու Նալպանտենց հարսը աչքին պոչովը չափեց միսի այդ լխկած կոյտը, ու անոր անպարագիծ ամօթը, անկողինին մէջ, յամառ ու անզիջող, իր կինը համբուրել իսկ չկրցող մարդուկը, որուն մարմինը քրտինքի կարաս մըն էր կիրքի վայրկեաններուն։ Այրած, կռնծած՝ գրեթէ նիւթական տապէ մը ամօթին ու զզուանքին փայլակն էր ատիկա նետուեցաւ ոտքի։ Երկու րոպէներ կը բաժնէին զինքը հարուածէն, լուռ, կարմիր, խժուն րոպէներ։ Բացուեցան անոր շրթները, պոռթկալու համար սեռին ճուոցը, բայց լեզուն ոլորուեցաւ ինքն իր առանցքին վրայ։ Ու սպասելի աղմուկին տեղ, բերնէն թռաւ հսկայ թուք մը էրկանը երեսին, ու գրեթէ նոյն գիծէն երկու հզօր, ցաւցնող, կրակ բխող ապտակ հասցուց անիկա քիթին ու բերնին։ Ուրկէ՞ ճարած էր այսքան կորով, ատելագին սա հուրքը։ Այսքան ո՜ւժ։

Անոր էրիկը, միայն հարուածին կորովէն զգաց իր տկարութիւնը։ Ուժգնութենէն աւելի՝ ան գրաւուած էր եղածին յանդգնութեամբը։ Շնորհալի, մինչեւ այդ օրը լեղի խօսքի իսկ անկարող այդ կնիկէն ինչպէ՞ս ու ինչո՞ւ այս լրբութիւնը։ Մտածումին հետ, նոյն գիծի ինկաւ, նոյն վայրկեանին, կանխող միւս լրբութիւնն ալ, որ անոր բառերուն մաղուածքէն կ՚ըլլար զգալի։ Ուրե՞մն։ Ու պարտաւորուեցաւ հաւատալ։ Խոստովանանքը սուտի վերածուած է ամէնէն առաջ տէրտէրներէն։ Պատկերը կայծակի պէս զարկաւ ուղեղին։ Ու անոր մէջ շղթայազերծ արձակուեցաւ գեղացի կենդանին, բայց գերի, դժբախտ գեղացին, որ շատ-շատ ինքզինքը կը խածնէ կամ կը սպաննէ, ուժը ուրիշին չհասնելուն։ Մշտապէս էգ ու խարդախ՝ անիկա զսպեց իր զայրոյթը, պատրուակով մը անցաւ կնոջը կռնակին ու մէկ շարժումով աջ ձեռքին փաթթեց մազերուն զոյգ հիւսքը, հաստ, առատ, դիմացկուն։ Ձախով սեղմեց ծոծրակէն այնքան ուժգին եւ իրա՛ւ որ մազ մնաց խեղդէր կնիկը։ Բայց անոր մատները, փոքր ու լոյծ ծնած, այդպէս ալ աճեր էին։ Կինը երկու ձեռքերով պրկեց ու փրցուց ծոծրակէն մատներուն այս թուլիկ աքցանը ու անուշադիր մազերուն ահաւոր ցաւին՝ գլխու ոլորքով մը երես երեսի եկաւ անոր հետ։ Այն ատեն մտան իրարու, ինչպէս կ՚ըսուի գեղին լեզուովը։ Երկար չէր կրնար տեւել այդ գօտեմարտը։ Բազուկի հզօր գալարում մը ծխնիի պէս դարձուց ինքն իր վրան Սերոբին դաստակը, որ լքեց մազերուն հիւսքը։ Նոյն այդ գալարումը հեռացուց անոր կարճ թեւերը ծիծերէն, որոնց կծիկին փորձած էին կառչիլ։ Նալպանտենց Աղուորը անհուն տխրութեամբ զգաց, թէ որքան օտար էին անոնք իրարու, դեռ այս կռիւէն առաջ, քանի որ անոր էրիկը մահուան հետ կը խաղար։ Այսպէս հեռացուած, Սերոբին մարմինը հաստ փորին եւ կարճ թեւերուն մատնութեամբը դադրեցաւ իր դերէն ու ջլատուեցաւ։ Անոր կինը, առողջ արիւնով կենդանի, չմաշուած, ու նոր-նոր ուժաւոր իր արգանդին խորքերէն, յետին ճիգով մը տապալեց գետին, մեծաշռինդ ու ամբողջ, արիւնէն իսկ ջուրոտ ու կտրուած, առնութեան ջիղէն տարագիր ու մալուած այդ մսացու կենդանին։ Փռուած էր կռնակին վրայ, «կնիկի մը պէս», ինչպէս կը հեգնէ գեղացին, կրկէսին վրայ տախտապարակ պարտուած ըմբիշներ, որոնք հող կը դառնան պահ մը, ոտքերնին շարժել իսկ ամչնալով։ Այրը ա՛լ չի մօտենար զգետնուածին, բայց Աղուորը վախցած արդիւնքին իսկ մեծութենէն, դիմաւորեց նստիլ փորձող Սերոբը։ «Պլոր-պլոր», ինչպէս կը նկարէ գօտեմարտութեան ոճը, անոնք դարձան տակաւին քանի մը հեղ, մինչեւ որ շարժումներուն արագութեան տակ սպառեցաւ Սերոբին շունչը բոլորովին։ Ճաթելու մօտիկ էր։ Լքեց ինքզինքը, ձեռքերովը պաշտպանելով գլուխը, գուցէ աչքերը, չտեսնելու համար կնիկը, ամօթէն աւելի վատ բանէ մը «ջուր կտրած»։ Դասական գուպարը, այր ու կնոջ, բայց շրջուա՜ծ։ Արցունքն ու ճիչը կ՚ուշանային պատկերին բերելու համար վաւերական կնիքը որբին, գլխէն զարնուածին։ Վասնզի արիւնն է, որ մեզ որբ կ՚ընէ։ Անոր վրայ խուժեցին՝ իր գերդաստանը, արիւնը այդպէս անզօր ընող խուլ ու հին շշուկները իր հօրը գարշելի ուրուականը, զոր շինած էին մօրը անէծքները, Նալպանտենց հասցէին փսփսացուած աղտերը, իր իսկ մանկութեան ազազուն ծուէնները։ Տղայ մը ժառանգը չէ մինակ իր պապերուն արիւնին։ Ան կ՚ըլլայ նաեւ պահարանը անոնց ուրուներուն։ Անոր կինը վերցուցած էր արդէն ոտքը անոր գլուխէն։ Կը զգածուէ՞ր սա փքոցի պէս հեւացող մարմինին պատկերած կործանումէն։ Տեսաւ յանկարծ, որ չունէր ընելիք։ Ինչպէ՞ս ներկայացաւ փայլակ մը, որոտումի մօտ բան մը։ Բայց կռիւին ջերմութիւնը կ՚արգիլէր, որ հաստընար անոր ոստայնը մտքին դաշտերուն։ Քաշուեցաւ դէպի բազմոց, բայց չկրցաւ նստիլ։ Օձեր խայթեցին իր միսերը։ Աչքին եկած էր ինքը պառկած հոդ երէկ գիշեր, Սողոմին ծոցը։ Զարմացաւ, որ ցաւեր սկսէին իր միսերէն։ Ու ամօթ կար խորը իր միսերուն, բարքերու եւ ընկերութեան նժարէն բաշխուածը ոչ անշուշտ։ Ամօթ՝ իր իսկ անձէն, իր խեղճութենէն, դեռ իր հոս մնալէն։ Կ՚ելեւէջէր կուրծքը, շատցած, ամէն ատենէ աւելի, ցից իր ծիծերուն համար նեղ գտնելով շապիկը, հերկուած կսկծագին յուզումներէ, կայծակուած խորունկ, հեռաւոր կիրքերէ։ Այս առատութիւնը, անգայտ պղպջակումը իր մարմինին ամէնէն անայց մասին վրայ (անոր էրիկը կը պժգար իր ծիծերէն։ Սողոմին բերանին մէջ անոնք վառուած կրակի պէս գալարեր էին զինքը), անիկա գտաւ մութ, խորհրդաւոր։ Չձեւուեցաւ մտածումը, բայց դպաւ ու անցաւ անոր ուրուաստուերը։ Մա՞յրն էր, որ դրած էր իր մէջ, իրմով՝ այս տաժանագին կռիւը։ Իրաւն ու նորը ան էր, որ կը կոտտային անոր ծիծերը, շատ վարերէ, ճմլուած անտես շրթներու վրայ, շատ տարբեր այն զգայութիւններէն կը կապուէին իր ճանչցած երկու մարդոց ձեռնումին։ Չխորհեցաւ շունչին, որ հանդարտ էր հիմա, արագ ու կտրատ ըլլալէ ետքը։ Բայց չէր կրնար ազատել ինքզինքը այն անսովոր մզմզանքէն, որ հոգին թել-թել դէպի պտուկները կը հաւաքէր։ Ու ջերմին ու կսկծագին էր բաբախումը, որ կը կլորնար դէպի անոնց ծայրերը, կոճակներու պէս, որոնց մէջ մէկը կենար։ Յետոյ, արագ-արագ, փախչելու համար իր ամօթէն՝ ան փնտռեց իր մարմինին ուրիշ մասերը։ Ու գտաւ, որ պղտոր, բայց այրուցքի պէս ճենճերուն ու հոտաւոր զարկեր կը պտըտէին, առանձին կամ խումբով։ Մեր մարմինը շատ բան կը մոռնայ արդի բարքերէն։ Բայց չի կրնար մոռնալ ինչ որ հին բնազդներուն արձագանգն է մեր մէջ։ Զայն չենք ճանչնար, այնքան փոխուած է անիկա։ «Պլոր-պլոր»ը, զոր ժողովուրդը կը վերապահէ գօտեմարտութեան հանդէսներու, ով գիտէ ի՛նչ ահաւոր առհաւութեանց մոխիր մըն է, մնացորդ մը։ Մենք կը մոռնանք, որ ամէն յաղթանակ անպայման սեռային յաղթանակ մըն է։ Պատերազմները դեռ մինչեւ այսօր ենթակայ են այդ առհաւութեան։ Ուրիշը գետին զարնող մը ով գիտէ քանի՜ հազար տարիներու գիծով տէրն է զարնուողին, ամէնէն առաջ անոր կիներուն։ Քաղաք մը գրաւող զօրապետը աչք կը գոցէ իր զինուորներուն, ինչպէս իր գիշերին համար կ՚ապահովէ իր վայելքը։ Ճիշդ է օրէնքը անհատին, ինչպէս ժողովուրդներուն համար։ Մարմինը դուրս կու գայ գուպարէն, կրկնելով գուցէ դարաւոր տեսարանը, զոր մեր նախահայրերը տուած են ամէն անգամ, որ էգին տիրացումին համար փողոտած են զիրար։ Նալպանտենց Աղուորը կ՚անգիտանար անշուշտ այս օրէնքները։ Բայց չկրցաւ չտեղաւորել մազերուն հիւսքը, հայելիէն դարձած իրեն։ Ինչո՞ւ նայած էր անոր։ Անիկա չճանչցաւ դարձեալ իր միսին հսկայ մատը, որ կը շարժէր իր մէջէն եւ հայլիին վրայ գոլ էր ու տարագին հեշտութիւն։ Տակնուվրայ էր անոր նայուածքը, ուժգնութեամբ, արիւնով մը, որ պարզ չէին անոր ուղեղին։ Գեղեցի՞կ։ Այսինքն՝ դասական դաշնակութի՞ւնը զգեստին ու միսին։ Նայուածքին եւ շրթներու հոսումին։ Այսինքն՝ երբ կինը սառած է ու պուպրիկ, դուրս սեռէն, օտարին աչքին փռուած պատկեր։ Չէր, չէր ատոնք Նալպանտենց հարսը։ Տգե՞ղ։ Բառը աւելի հարազատ է, քան նախորդ առումը։ Անիկա կը նմանէր միսէ պարկի մը, զոր կիրքին մէջ թաթխած ըլլան։ Վասնզի գեղեցկութիւնը պատրաստութիւն մըն է, ի հաշիւ եւ ի խնդիր կիրքին, որուն մէջ կ՚ոստայնանայ էակին ու լինելութեան հսկող, զանոնք կուրօրէն վարող հսկայ տարտղնումը, սերմին բզկտումէն գոյանալիք խտութիւնը։ Այս հաշիւները դուրս են մեր հասողութենէն։ Բայց կը վարեն մեր քայլերը։ Աղուոր մարմինը ունի միշտ իր պատրաստութիւնը, որ ներքին է եւ ոչ մատչելի։ Ունի նաեւ իր մոխիրը։ Փորձեցէք աղուոր, այսինքն՝ նոյնը գտնել կինը, զոր ունեցած էք վայրկեան մը առաջ։ Պիտի ընդվզիք առնուազն՝ եթէ պիտի չպժգաք դուք ձեզմէ։ Ու գեղեցի՜կ է դէպի ծոց վազող նոյնիսկ սատանան։ Մի զարմանաք, երբ արուն դանակ կը քաշէ ձեւի մը համար …։ Զարմանքով ու քաղցրութեամբ նայեցաւ շրթներուն, որոնք դալուկ էին եւ դողոտ։ Աչքին զարկաւ, օտար լոյսով, կլոր ու սիրուն դէմքը, ուր կը վերադառնար արիւնը աստղանալու, պիսակ-պիսակ, դալկօրէն կարմիր կէտերով, ոստայնացմամբ մը։ Յետոյ տեղաւորեց պլուզը, ոսկիները։ Ո՞վ թելադրեց, անորոշ խորութիւններէ, սա յարդարանքը։ Բայց դարձած, հակառակ իր մտադրումին, պատուհան, վերցուցած վարագոյրը, փնտռելու համար, Սողոմին խուցին տանիքին՝ զոյգ կատուները, ամէն առտուան պայմանաւոր սուզումը, գիշերէն ետքը։ Ինչո՞ւ տրտմեցաւ կատուներու պակասէն։ Ու ինչո՞ւ վիրաւորուեցաւ իր ամօթխածութիւնը։ Սերոբը ընկղմած իր կործանումին մէջ, գլուխը պատսպարած քովնտի։ Ի՜նչ թշուառ, զզուելի, ողորմելի էր այդ մարդուկը հոդ, այդ պահուն։ Նալպանտենց հարսը անցաւ անոր քովէն։ Երիտասարդ կինը չէր գիտեր, թէ իրեն հետ այդ րոպէին, այս սենեակէն դուրս կ՚ելլէր հինգ տարիներու ամրափակ տրամը։ Ու իր այս ընդվզումին նուէ՞րը։ Իրեն փոխադրուած էր, վերադարձուած էր իր կորովին, ասոր կարելիութեանց ամբողջ մթերքը։

Ո՞ւր կ՚երթար։ Չեր գիտեր։ Բայց գիտէր յստակ, թէ ո՛ւր պիտի երթար։ Տարիներով անոր մտքին մէջ ամբառնալ ձգտող ու միշտ ալ քունի դրուող հեռանկարը մօտեցած էր մէկէն։ Պայծառ ջահ մը կը լուսաւորէր հիմա տունը անոր հոգիին։ Ծփուն ու քիչ ու բեկոր բաներ պատասխանեցին անոր կոչին։ Ու ան նպաստ գտաւ քանի մը կցկտուր դէպքերէ, որոնք վերջին տարիներու նորութիւն էին ու հասած իրեն, զարտուղի ճամբաներէ, հարսներու վրայով։ Էրիկէն զատուիլ մը, թէեւ հազուադէպ, լուսնէն ինկած քարի մը պէս, բայց գոյութիւն ունէր։ Ու բաժնուած ապրողներու թիւը աւելի էր Աղուորին մատներէն։ Գինովութիւն, բայց անկանգնելի երակէն, բոզութիւն, տուն աւրող տեսակէն, ոճիր ու ասպատակութիւն, որոնք այրերը կը հալածեն տանիքին պաշտպանութենէն, հզօր զսպանակներ ասոնք, որոնք կատարուածը հասկնալի կ՚ընեն։ Ի՞րը։ Բանա՞ր պիտի գայթակղութեան ոսկեզօծ կարասը, որ Նալպանտենց տուն անունը կը կրէր։ Ներքինի Սերո՞բը։ Յանկարծ գտաւ, որ անոր ետին ուրիշ մը կը ցցուէր։ Ու այդ ուրիշը դուրսէն դրուած, խախուտ պատկեր մըն ալ չէր, վասնզի կը բռնանար, ու ընթացիկ ու կեղծաւոր վասնզի շատ պզտիկուց սորվըւած պարկեշտութեան ըմբռնումները կը ձգէր իր ճնշումին տակ։ Իր քսան տարիներու առատ, բայց անարդիւն կեանքին, մա՛նաւանդ իր անկողինին մէջ այդ ուրիշին այս ձեւով մուտքը հիմա էր, որ կը ստանար իր լրիւ իմաստը։ Տաք ու գաղտնի տագնապ մըն էր այդ զգացումը հիմա իր խորը, տարօրէն լայն, ամբողջ ու լեցնող իր բոլոր մասերը։ Զայն ունէր իր մարմինին ամէն ծուէններուն մէջ։ Ե՞րբ, ինչպէ՞ս լեցուած էր իր մէջ այդ տղան, այսքան ընդարձակ փաղաղումով մը, պատռելով իր ներսէն վարագոյրներ ու անմատոյց դուռներ, լոյսին կանչելով դեռ կոյս գաւառներ։ Նայեցաւ, որ դուրսն էր։ Ու անոր ջերմին ստուերը, գոլը կը քալէր առջեւէն։ Ու դառնացաւ ինք իր դէմ, ի՜նք՝ ըրածին մէջ կ՚ուզէր առաջին գիծի բերել էրիկէն գարշանքը։ Ի՜նք՝ որ էրիկէն փախչելու հաւատքով դուրս էր դրեր ոտքը հարսի սենեակէն։ Կոտրուած, վարանոտ՝ ան հաստատեց, ստիպուեցաւ հաստատել մռայլ այն ձգողութիւնը, որ կը քաշէր զինքը սա գունաւոր, խոնաւ, կսկծուն ստուերին։ Պիտի ելլէ՞ր ամբողջութեամբ դուրս տուներուն բանտէն ու կեղծիքէն։ Պիտի կոխէ՞ր ոտքը այն մարզերուն, ուր հեքիաթն ու արիւնը կ՚իշխեն։ Ո՛ւր՝ տղաքը։ Ո՛ւր՝ հարսները իրաւ ու խենթ։ Ո՛ւր՝ երբեմն նստած, հանգչած մարդերը։ Նոյնիսկ՝ ճերմակած ճակատները։ Ու անո՜նք՝ որոնք դրուեցան այս հոսումին, պարպումին, մեր ձեւերուն ու պայմաններուն ուռկանէն դուրս։ Մղումին տակ, որ կը նետէ մեզ մեր փականքներէն ու նիգերէն։ Ու կը ղրկէ կրակին ու մահուան։ Հաշուեցէք ինչ որ կը զոհուի այդ աստուածութեան, օրուան մը ընթացքին միայն, աշխարհի ամէն անկիւնները։ Ու կը համոզուիք, թէ կայ անիկա, ինչպէս կայ մահը, ինչպէս արցունքը։ Աղուո՛րը։ Անիկա մատին ծայրովը դեռ կը դպէր կախարդուած ծորակին։ Ի՛նչ սարսռագին կարօտով, անձուկով ան փնտռեց, ուզեց հիմա անոր թեւը, շունչը, պարը անոր մարմինին ու ասոր սրտառուչ խորշերը, ուր նետուէր, աչքերը խուփ, բայց իր միսերէն հեղուկուած ու ալիք-ալիք թրթռալով։ Երա՞զ էր ասիկա։…. Լոյսը կը նեղէր զինքը։

Տան ճակատը, հիւսիսէն կը նայէր գեղակերտ բլուրի մը` զատուող շուրջիններէն նորատունկ անտառի մը շուրջառովը։ Քանի՜ հարիւր առտուներ, գործերէն առաջ կամ վերջը, ան կեցած էր հոդ` գլուխը ամբողջ դուրս պատուհանէն (կը յիշէր հիմա յստակ), կրակուած ու տխուր իր երեսները տալու համար անկէ հոսող խաղաղ այն բանին, որ զգայութիւնը կը կրկնէ, փոխանորդելով, մարդերէն մեզի զլացուածին։ Ինչպէս զատ-զատ կը յապաղէր հիմա ան առտուներուն, որոնք կոծուած ու դժբախտ գիշեր մը կը փակէին։ Յիշեց կրկին, որ անցնող շաբթուան մէջ չէր եղած հոն։ Կարօ՞տ։ Ինչո՞ւ հեղ մըն ալ սուզուեցաւ, հեշտ ու նորակերպ՝ կանանչ այդ ալիքին մէջ, որ բլուրին ոտքերուն կը տժգունէր` մշակելի հողերուն խլեակներովը վիրաւոր։ Ինչպէ՜ս կը բաղադրուի ու կը կարծրանայ, դէմք ըլլալու համար, մեր հոգիին ոստայնը, տուներուն այս ու այն կողմերուն, կտորներու հետ։ Այդ խոնարհող իրերը բլուրին կը տպաւորէր ինչպէս խոշոր ափ մը, որ գգուալից սահէր անոր հոգիին երեսէն։

Իջաւ` ուշացրիւ եւ ինքնակորոյս։ Չմտաւ կեսրոջը սենեակը։ Այդ հոգեկան անկիւնէն ատելի էր հաճի Աննան նոյնքան, որքան տղան։ Բայց նոր էր, որ տեսաւ, թէ հինգ տարիներու ընթացքին ան միայն ու միայն ատած էր լպրծուն պառաւը ինչ որ իր էրիկին վրայ կը սառէր անոր հոգիէն։ Այս խելամտումը զինքը առաջնորդեց ուրիշ գիւտի , հակառակ մեղր ու շաքար իր լեզուին, անոր կեսուրը ուրիշ բան չէր՝ եթէ ոչ ատելութեան գնայուն կարաս մը, զոր մինչեւ պուկը լեցուցեր էին երիտասարդութեան ու, մա՛նաւանդ՝ անդրանիկ հասունութեան զրկանաւոր տարիները։ Ան ապրեր էր փակ՝ աշխարհին կարելի համերուն դէմ։ Իր սառած գիշերնե՞րն էր, որ կը հանէր ու կը դիզէր պառաւին քամակին, զայն այդպէս, իր կաղապարովը շինելով հեռու այդ անցեալին ծոցը։ Ցնցուեցաւ՝ ինչպէս փուշի, կարիճի մը խածուածքէն, երբ լսեց պառաւին կանչը, որ ճանչցեր էր անոր ոտնաձայնը սանդուխներուն վրայէն։ Աճապարեց իջնել բակ։ Լեղի ու կանանչ էր անոր նայուածքը։ Բայց անոր մորթին վրայ նոր բաներ արթնցան։ Իրեն այնպէս եկաւ, որ սկսող առտուան մէջ մեղքը, մարդերուն մեղքը կը ձգուէր հսկայ սարդոստայնի մը նման տունէ տուն։ Բակէն մինչեւ խուցը Սողոմին միջոցը կը թուէր աւելի պաղ։ Ինչո՞ւ վարանեցաւ ձեռք երկարելու պարտէզի դուռին քառակուսիի մօտ տախտակ մը , դրուած հոդ իր ոտքերուն վրայ։ Բայց սա պահուն այնքան նման միւսին, անո՛ր՝ զոր կը պահէին ախոռին անկիւնը, մեռել լուալու եղերական սպասին միայն լոյսին բերելով։ Տուներ կան, որոնք ընտանութիւն ունին մահուան հետ։ Ամէն դուռէ մեռել կ՚ելլէ, բայց այդ միւսներուն համար սենեակները կը միջամտեն նոյնիսկ ստեղծելու համար մութ զգացումը։ Տարիներով մեռելի չբացուած այդ տունը ինչո՞ւ հիմա կը ներկայացնէր Աղուորին մտքին միւս պատկերները, ա՛յն տուները, որոնք չարագուշակ բանով մը կը նսեմանան, որոնց դուռին կ՚ուզուի քանի մը տարին հեղ մը մեռելներու ճաղը։ Մարմին եղան զոյգ ճաղերը, իրարմէ թիզով տարբեր հասակով, մոմոտ, այրած կողերով, որոնց մէջ պառկեր են հազարները ու պիտի պառկին…։ Շտապեց ու դարձաւ կրունկին։ Խուժեցին վրան հաւերն ու ճուտերը, իրաւ, սիրուած էակներու իրենց շփացած ընտանութեամբը։ Նեղուեցաւ աքաղաղէն, որ միշտ վիզը բարձր, կը հսկէր, ու չէր աճապարեր, ինչպէս միշտ։ Գրգռուած ոտքովը հրեց բոլորը մէկդի, որոնք պահ մը ընկրկուն, շուտով վերակազմեցին իրենց ցրուած սիւնակը, ինկան անոր քայլերուն ուղղութեան։ Կեցաւ փոքր պատին, ցած, հաստատ, կանգուն, որ տունին ատելի մասը կը մնար ծառաներուն խուցը, ախոռը բաժնելով մայր մարմինէն։ Այս պահուն այդ կտորը երկու աշխարհներու մէջտեղ, կը պատկերէր Նալպանտենց Սերոբին ամբողջ պժգանքը։ Չբարկացաւ սակայն։ Սիրտը արագ էր ու զգաց, որ խուցին տղան դպեր էր կրկին իր միսերուն։ Ինչո՞ւ կը փնտռենք զայն, որուն ո՛ւր ըլլալը այնքան ծանօթ է մեզի։ Ինչո՞ւ կը փնտռենք նոյնիսկ մեռելը։ Անոր աչքերը կը տեսնէին շատ բաներ, բոլորովին նորի պէս, որոնց անդրադարձած չէր անիկա, հակառակ տարիներով ապրելուն կոտրած սափորի մը կոնքը, որ ամէն գարնան ծաղիկի մը սերմերը կ՚ընդունէր ու կը կանչընար, աշնան մեռնելու համար. թիթեղի կէսեր ու ռահանն ու շահպրակը տրտմախառն քաղցրութիւններ կ՚ընդխառնեն սեւ ու ճերմակ յուշերու։ Դպաւ ռահանի մը գլուխին ու անուշ բան մը ծաւալեցաւ անոր չորս դիէն ու յիշեցուց իրեն պատկերը բաղնիքէն դարձող իր մարմինին, մութէն առնուած, շաղոտ ու կոյս, մասնաւոր հոտով մը, որ կը ծխար իր շապիկին անկիւններէն։ Դպաւ երկրորդին, ան ալ ռահան մը ու անմիջապէս իր մտքին մէջ փռուեցաւ գիշեր մը վեց օր առաջուան թեւին վրայ այդ բոյրին, պատուհանի մը բաց ապակիէն։ Ու այդ գիշերը ուրիշ բան չէր՝ եթէ ոչ Սողոմին հոտը, տարօրէն խառնուած իրեն։ Յուզուեցաւ, վախնալու չափ իյնալէ։ Բայց ըստիպուած, ամօթով, հեշտութեամբ աչքը սահեցուց պատին վրայէն ու գտաւ մռայլ խուցը, որմէ տեսանելի էին դուռին վերի ճակատը, տանիքը, զոյգ կատուներու ընտանի յուշատախտակովը։ Բախտորոշ վայրկեանէն առաջ մեր զգայարանքներու այս չէզոք հոսումները ով գիտէ ի՛նչ անծանօթ օրէնքներու կը հպատակին։ Բայց ոչ մէկ րոպէ անոր միտքը կրցաւ պարպուիլ մռայլ այն բանէն, որ զինքը այդպէս թրթռուն ու անկայուն կ՚ընէր։ Պատուհան մը փակուեցաւ, կոտրած ճռինչով մը։ Չվերցուց գլուխը` չտեսնելու համար Սերոբը, որուն մատները տուած էին այդ խեղճ ճռռոցը։ Իր ոտքերը կը վարանէին, բայց անոնց թաքուն ուղղութիւնը ով գիտէ քանի՜ օրերէ ի վեր լարուած էր դէպի մեծ դուռը…։ Ահա այն սեմին առջեւ, ուր իր մարմինը, տարիներով, թուխս հաւու մը նման սպասեց ու սպասեց չեկող հարուածին։ Հանդիսաւոր, վճռական, յիմար՝ բացաւ հսկայ դուռը, որուն այդ ճռինչը տարօրինակ ու եղերական զուգադիպութեամբ մը յիշեցուց իրեն հարսի իր անդրանիկ զգայութիւնը էրկանը տունէն։ Ձեռքերը չէին դողար ու կը զարմանար իր ամրութենէն աւելի կարծրութեան, կարծրասրտութեան վրայ։ Նալպանտենց հարսէն այս խստութի՜ւնը։ Գալի՞քը։ Բայց անկէ առաջ անցեալը մանաւանդ, որ չեկած, չզգացած՝ ըլլալուն հետ տարագրուած, կը փաթթուէր մատերուն, կը ցաւցնէր գրեթէ ու կը թռէր։ Կ՚ըլլայ ասիկա, երբ պատահարի մը հաշուըւած ծալքերուն հետ չէ մեր գործը։ Մինչեւ բակ իջնելը՝ անիկա չէր տեսած մտքէն ինչ որ կ՚ընէր սա պահուն։ Բայց ո՜վ չափեր է այն ծովը, որ մեր միտքը կը կոչուի։ Որուն հորիզոնները այնքան առաձիգ ու փորը այնքան խորը, կը հեգնեն բոլոր խուզարկուները եւ բոլոր իմաստուններուն կողմնացոյցները։ Ո՜վ չափեր է մա՛նաւանդ յատակը այդ ջուրերուն, ուրկէ կը փրթի որոշումի, վճիռի ամէն ընձիւղ ու այնքան կը տառապի` մակերեսին հասնելու համար։ Զարկաւ ամուր, գրեթէ գրգռիչ ուժգնութեամբ փեղկը փեղկին։ Դուռը գոցուեցաւ վրան։ Տաք էր անոր ձայնը, ծանր, երկաթ։ Դէմի տունէն կին մը, ժպտուն ու բարի, ջուր կու տար ծաղիկի մը, պատուհանին փակած թաղարէ մը։ Չխօսեցաւ ամէն առտուան պէս։ Խօսքը երկկողմանի բխում ունի յաճախ։ Կենդանիներ, հաւ ու ձագեր։ Փողոցն ի վար մարդերը, բոլոր գոյնէ, ու թերեւս՝ բոլոր սրտէ, այդպէս հագած մէյ-մէկ կոճղ միսի ու դարձած հրէշ։ Փողոցն ի վար՝ բոլոր հոգիները, իրենց ծիածանովը, անդունդովը, գէսերը նետուած խառն ի խուռն, իրարմէ փախչելով կամ իրարու վազելով։ Ու կեանքը, այսինքն՝ ինչ որ այդ սիրտերը ու հոգիները կը ծորեն իրենցմէ, անգայտ, բայց տեսանելի, աչքէ ու ճակատէ։ Բայց՝ հզօ՛ր, բայց՝ հարթո՛ղ, որուն մամուլը մասնաւոր ախորժով կը ճմլէ երիտասարդ օրերը։ Անոր ծունկերը եղան վարանող, կթոտ, խեղճ։ Ո՞ւր կ՚երթար։ Դէմէն մշուշի նման սեւութիւն մը վարագուրեց աչքերուն հորիզոնը։ Ճակատագրին մատը այդ ամպին ծոցէն փորձեց ետ դարձնել անոր գլուխը դէպի տուն, ոսկեզօծ ու խաղաղ վանդակը, գեղին գերագոյն փառքը, ոսկին ու պատիւը։ Անոր ականջին դպան ու անցան վարժութիւններ, հեծքեր ու անծանօթ նուագէն, գալիքին եղերական երգէն ծուէններ։ Բայց չկրցան կեցնել զինքը։ Դեռ Նալպանտենց Սերոբէն պաղ մը, ոսկորներուն իբր հոսումը կը հասնէր իր ծոծրակին։ Տեսաւ, որ կը քալէր։ Ու կը քալէր հետզհետէ աւելի թեթեւ։ Նալպանտենց տունը կը նուազէր իր կշիռէն ու իմաստէն, քանի անոր քայլերը առնէին միջոցը դէպի բաց։ Յանկարծ հարցուց.

-Ի՞նչ կայ ատ տունին մէջ։

Յետոյ, ուրիշ անկիւնէ մը ուրիշ շրթունքներ փսփսացին անոր հաշուոյն.

-Ինչո՞ւս է պէտք քիրմանի շալը, ալն ու ադլասը…

Ճիշդ ինչպէս լսեր էր իր ճամբէն գացող ուրիշ կնիկի մը պատմութենէն։

Ան կ՚երթար, կը դառնար մօրը տունը։

 

1 Կրակի սեւցած փոքր կտոր։

2 Մերեթ անէծքի բանաձեւ մը, անիծուի՛ս։

3 Բանդ կապ, որով պարեգօտներուն ծալքերը իրարու կը կապուին, ստինքին ներքեւ։

4 Պատիհոն պատի մէջ փորուած դարան։

5 Տեղան անկողին։

6 Դիգա սեխին բնական բաժանումները։