Գ
Օրը,
որ
սկսած
էր,
արժանաւոր,
նոյնիսկ
քիչ
մը
աւելի
խռովայոյզ
ու
դաժան
շարունակութիւնը
ըլլար
պիտի
գիշերին։
Կեա՞նքը։
Հարցուցած
ունի՞ք
սակայն,
թէ
ի՞նչ
է,
որ
զայն
կ՚ընէ
այդպէս
անհասանելի
մանկամարդ
կնոջ
մը
մարմինին,
երբ
բռնկած
է
անիկա
արգանդէն։
Թող
իմաստունները
խորհին
ու
գտնեն
ու
բացատրեն
միօրինակ
ու
անըմբռնելի
սա
շարանը՝
տեւողութեան
չափուած
կտորներու,
օրին
ու
գիշերին
գրիւովը
կամ
կանգունովը,
որոնցմով
դատապարտուած
ենք
լեցնելու,
ապրելու
մեր
շրջանին
համար
մեզի
տրամադրուած,
գրուած
տակառը
ժամանակին։
Կը
թափի
ժամանակին
գոլը,
մուխը,
երբեմն
լեղի
աւազը
ծոցը
այդ
տակառին։
Ու
ոչ
ոք
գիտէ,
թէ
ի՜նչ
մոխիր
ու
մրուր,
ինչքա՜ն
արցունք
ինկած
են
անոր
խորը։
Երբեմն
պատահարին
շերեփը
կը
յուզէ
զայն
տակէն
`
մրուրները
թռցնելով
դէպի
երեսը
ու
տակառին
ամբողջ
մարմինը
ընելով
աղտ
ու
լեղի։
Դրէք
տակառին
տակը
ժամացոյց
մըն
ալ,
–
խղճմտանքը։
Ու
ձգեցէք,
որ
չափուին
մրուրն
ու
գիտակցութիւնը։
Ներսէն
թէ
դուրսէն
(վասնզի
շերեփը
յաճախ
իրողութեանց
ակռաներէն
կախուած
գործիք
մըն
է)
կարեւորը
հոն
երկարող
թաթն
է
անծանօթին,
որ
կրնայ
ձեւ
փոխել,
բայց
երբ
ե
ք
արդիւնք։
Կտրել
այդ
ժամացոյցէն
արիւնոտ
փշրանքներ.
ա)
–
Զաւկի
մահ,
մատաղն
ու
անփոխարինելին։
բ)
–
Էրիկի
մահ,
որ
մանկամարդ
կինը
կը
զգետնէ
եւ
յետոյ
զայն
կը
հանէ,
կը
նետէ,
անպէտ
տաշեղի
պէս,
կեանքի
լուսանցքին։
գ)
–
Արտ
ու
այգիի,
կով
ու
գոմշու
եւ
տան
ուրիշ
համակարգ
կենդանիներու
կորուստ,
որ
կը
լացնէ
գեղացին
մարդկային
էակի
մը
նման։
դ)
–
Ոճիր՝
ուր
հոգեկան
տգեղութեան
չափ
մարմինին
պարտութիւնը
կը
տիրապետէ։
ե)
–
Սպանութիւն։
զ)
–
Մարդկային
տարրական
սրբութեանց
դէմ
հասցուած
հարուածներ,
որոնք
բոլորն
ալ
կը
վերածուին
ուժին
ու
տկարին
յաւիտենական
հարցին։
է)
–
Բոզութիւն
ու
պտուկէն
ծակուիլ,
մայրերը
մոխիրի
պէս
փխրուն
ընող
պատահարներ։
ը)
–
Տաճկընալ
ու
մեռնիլ
հոգեպէս։
Այս
բոլոր
ցաւերը,
կարճ,
երկար,
միշտ
անողոք,
գրուա՜ծ,
որպէսզի
անցնին
անոնց
կորզանէն
մեծ
մասը
մարդոց
որդիներուն,
այս
բոլորը
տժգոյն,
նիհար
բաներու
կը
վերածուին
երբեմն,
երբ
մարդ
կը
ստիպուի
երկանաքարը
դարձնել
իր
խղճմտանքին
եւ
աղա՜լ
իր
մեղքերը։
Նրբացած
ու
մշակոյթէ
անցած
մտքերու
մէջ
ահաւոր
են
այս
տագնապները։
Ու
մտքերնուդ
մի
անցընէք
նոյն
ատեն
խնայել
այս
լլկանքը՝
գեղին։
Ամէն
տեղ,
երանգի
տարբերութիւններով,
ճակատագիրը
կարգադրած
է
այնպէս՝
որ
այդ
բոլոր
կրակները
վառին
նաեւ
այն
սրտերու
մէջ,
ուր
տարիներով
արցունք
չի
շինուիր,
ու
կեանքին
կտաւը
կը
ծալուի
ու
առանց
խոշոր
բզկտումի
կ
ը
դրուի
ժամանակին
պահոցը
կամ,
գեղին
բառով՝
առէքը։
Օրը
այսպէս
կը
սկսէր
Նալպանտենց
հաճի
Աննային
համար։
Ան
շուտով
տեղի
տուաւ
յոյսի
տրամադրութենէն,
որ
բացուող
առտուն
կ՚արթնցնէ
հիւանդներէն
ներս։
Այս
ընկրկումին
զուգահեռ
աւելցաւ
ճնշումը
թաւալած
գիշերին։
Ու
անոր
աչքերը
խաւարեցան
սարսռագին
կարելիութեանց
խորը։
Աստուծմէ
ղ
րկ
ո
ւած
բարիքներ
չէին
զոյգ
հիւանդութիւնները,
որոնք
պահ
մը
չէզոքացուցին
այրերուն
բախումը
ու
խուլ,
կակուղ
գօտի
մը
նետեցին
պատահարներու
ժանիքին
եւ
անիւներուն։
Աստուած
պիտի
թողո՞ւր
կէս
ճամբան
գործը,
որ
սկսած
էր։
Անշուշտ
չըրաւ
վերաքաղը
դէպքերու,
որոնք
դեռ
չէին
գտած
իրենց
մասնակի
դիմագիծը
եւ
հեռուէն
դիտուած
պատկերի
մը
նման
կը
հալէին
իրենց
խորքին
վրայ։
Բայց
կը
վարանէր
հաւատալ,
թէ
եկած
ու
անցած
էր
այդ
հեղեղը
իր
տունին
վրայէն։
Յետոյ
մասնաւորուեցաւ
ինքն
իր
մէջ,
–
խորունկ
կսկիծ
էր
իրեն,
հարսին
տունէն
մեկնումը,
առանց
հեղ
մը
այցի
գալու։
Ու
տակաւին
կ՚անգիտանար
անիկա
բախումը
այր
եւ
կնոջ։
Դուռին
փակուելէն
քանի
մը
վայրկեան
ետքը,
սենեակ
մտնողը
եղաւ
իր
տղան։
Չէր
հագուած։
Գէշ
նշան՝
պառաւին
համար։
Դեղնած,
բարկաճայթ,
կարծես
ստացած
խարանէն
տակաւին
այրելով՝
ան
մօտեցեր
էր
անկողինին,
քաշեր
բռնի,
մօրը
թեւէն,
լիրբ
ու
ամուր
եւ
նստեցուցեր։
Հոգէառի
մը
պէս,
որ
չունենար
սակայն
ինքնաբուխ
ուժ
ու
կրակ։
Ըլլար
վախկոտ
եւ
վստահող՝
զրահանքին։
Մայրը
անզօր
էր
դիմանալու,
մա՛նաւանդ
ձախ
թեւէն,
որ
աւելորդ
փայտի
կտորի
մը
պէս
դրուած
կը
թուէր
ուսին,
բայց
կը
ցաւցնէր
իր
ծանրութեամբը։
Իրարու
դէմ
կու
գային
մայրն
ու
տղան,
շրջուած
դերերով։
Փակե՞լ
մեղքին
հաշիւը,
թէ
նոր
էջ
բանալ։
Երկուքն
ալ
չէին
գիտեր։
Մայրը
նստեցնելու
այս
ճիգն
իսկ
ծանր
ինկաւ
Նալպանտենց
Սերոբին,
որ
թողուց
ձեռքը։
Բաղդատաբար
առատ
իր
միսին
հակառակ՝
անիկա
կը
հեւար
փ
ո
քր
շարժումէ
մը։
Գուցէ
այս
արդիւնքին
մէջ
դեր
ունին
հին
ու
նոր
վարժութիւններ։
Մնայուն
կերպով
ենթարկուած
մօրը
հսկողութեան՝
անիկա
գուցէ
կը
պահէր
օրանին
վարանքը,
դիզուած
բաւիղին
մէջը
ոսկորներուն։
Կազմածի
այս
քիչութեան
պէտք
է
աւելցնել
միւս
տկարութիւնն
ալ,
որուն
պարտկումին
մէջ
անիկա
այնքան
նպաստ
էր
գտած
իր
մօրմէն։
Աս
էր,
որ
կրկնապէս
նուաստ
կ՚ընէր
զինքը։
Իրաւ
է,
որ
իր
խելքը,
ազդեցութիւնը,
հետզհետէ
աղա
դառնալու
իր
ընդունակութիւնները
կը
միջամտէին,
հաւասարակշռելու
անոր
առնութեան
պակասը
ու
բոլորովին
խաղալիք
չընելու
զինքը
մօրը
ձեռքը,
ինչպէս
էր
պարագան
ուրիշ
քանի
մը
տղոց,
որոնք
նիւթական
գերիներն
էին
իրենց
մայրերուն
ու
զաւկի
հայր
ըլլալէ
ետքն
ալ
անմռունչ
կը
տանէ
ի
ն
պատանութեան
շղթաները
`
դառնալով
քիչիկ
մը
ծիծաղելի
եւ
թերեւս
ալ
ցաւագար։
Նալպանտենց
Սերոբը
մօրը
հսկողութիւնը
չիջեցուց
այդ
անկումներուն։
Պարտկեց
ինքզինքը։
Դիմացուց
պատրանքը
զօրաւոր
ուղեղի
մը,
որուն
անայց
չէին
մնար
գեղի
միջինին
մտայնութիւնն
ու
կարծիքները։
Այս
առտու,
իր
մայրը
անկողինին
մէջ
բռնի
նստեցնողը
Նալպանտենց
Սերոբէն
աւելի՝
տեսակ
մը
ոգի
էր
`
շինուած
ով
գիտէ
ի՛նչ
պայմաններէ։
Ամէնքս
ալ
մայր
ունեցեր
ենք,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
բանաստեղծին
հետ
զայն
նկատած
ենք
կապոյտ
մշուշէ։
Բայց
քիչեր
կը
հարցնեն,
–
ի՞նչ
է
մայրը։
Մա՛նաւանդ
գեղերուն
մէջ։
Մայրը,
որ
նրբացած
քաղաքակրթութեանց
եւ
նախնական
գրականութեանց
մէջ
ենթարկուած
է
այնքան
ձեւազեղծման
ու
նիւթը
տուած
քաղցրագոյն
հեքիաթներու։
Զոր
վէպերը
կ՚ոսկեզօծեն,
տասնաբանեաներն
ու
քրիստոնէականները
կը
սրբացնեն։
Զոր
կեանքը
այնքան
յաճախ,
բրտօրէն
կամ
կեղծիքով,
կը
պատմէ
ու
կը
փոշիացնէ
նոյնիսկ
առաջաւոր
քաղաքակրթութեանց
մէջ։
Մայր
ը
գեղերուն
համար,
ե
ր
կդիմի,
անվաւեր
որակ
ո
ւելու
չափ
տարտամ
ըմբռնում
մըն
է,
բզկտուած
կեանքին
բոլոր
ժանիքներէն,
խոռոչաւոր
նոյնիսկ
իր
խորքէն։
Անիկա
կինը
չէ,
գեղին
մտայնութեան
մէջ
ինքնին
այնքան
անկշիռ,
մասնակի,
խեղճ
էակը,
որուն
պաշտօնը
կը
սկսի
մութին
ու
կ՚աւարտի
լոյսին։
Անիկա
զաւակներուն
տոպրակ
մըն
է,
ամէն
բանէ
առաջ,
բաղդատելի
շատ
յաճախ
ախոռի
մատակին։
Այս
մտայնութեան
նեղ
ու
տխուր
նուաստութիւնը
պարտկելու
համար
է,
որ
թերեւս
կը
յամառի
կծկուիլ,
փաթթուիլ
անդրանիկ
պիտակումին,
որով
անիկա
կը
մտնէ
կեանքէն
ներս։
Հա՜րս։
Անշո՛ւշտ։
Ու
հարսնիքէն
գուցէ
քսանհինգ
տարի
ետքը
տակաւին։
Հարս
է
անիկա
զաւակները
դիեցուցած,
ճլտորցուցած,
դէպի
երիտասարդութիւն
ճամբու
դրած
շրջանին
վախճանը
մինչեւ։
Դրական
է
վերադիրին
իմաստը,
եւ
բիւրեղացո՛ւմը՝
հոգեկան
որոշ
վիճակի
մը։
Ան,
կինը,
պիտի
դիմանայ,
ու
հաճոյքով,
այդ
տարազին
տակ,
որքան
ատեն
որ
կեսուր
մը
կայ
գլխուն։
Պիտի
չհրաժարի
տիտղոսէն
նոյնիսկ
երբ
հարս
հանէ
անդրանիկ
աղջիկը։
Ու
պիտի
մնայ
հաւատարիմ
անոր
հմայքին,
երբ
տղոցը
համար
հարս
շ
արէ
տունէն
ներս։
Բայց
տարօրինակ
չէ՞,
որ
անիկա
մայր
չըլլայ,
այնպէս՝
ինչպէս
տրուած
է
մեզի
գորովիլ
անոր
սրտառուչ
գեղեցկութեանը
վրայ։
Մօտաւորապէս
քառորդ
դար,
կեսրոջը
ծիրին
մէջ,
անիկա
պիտի
դառնայ
ու
դառնայ,
լուծուած
անոր
շուքին
մէջ,
ջնջուած
ու
եղկելի
արարած,
որուն
գեղեցկութիւնը
մարմնացած
վտանգ
մըն
է
սեփական
գլխուն,
ու
կեսուրներուն
ձեռքը՝
վայրագ
պատրուակ
կատախառն
նախանձի։
Կեսուրը
մեգերայի
մը
պէս
կը
հսկէ
անոր
փթթումին։
Տխուր
արարա՜ծ,
երբ
տգեղ
է
անիկա,
այսինքն՝
դէմքի
մասնակի
խօթութեամբ
մը
զարնուած,
աղբիւր
դառնալով
մշտական
կռիւներու,
ա՛յնքան՝
որ
մկնդեղը
կը
միջամտէ
երբեմն
ու
հարս-կեսուրի
այս
ճակատումը
կը
տանի
սպանդի
`
խնամիները
հանելով
փոխադարձ
փողոտումի։
Իմ
օրերուս
պակաս
չէին
տուներ,
ուր
կնոջ
մը
կեանքին
կէսը,
թերեւս
աւելին,
սահմանուած
էր
համեմատական
համրութեան։
Ութսունամեայ
տանուտէրը,
որ
գաւազանին
ծայրովը
եւ
լեզուին
հայհոյութեամբը
կը
վարէ
ընդարձակ
գերդաստանը,
թոռան
տէր
հարսներուն
միայն
կը
շնորհէր
շիտկէ
շիտակ
խօսելու
իրաւունքը։
Հին,
օճախ
տուներու
մէջ
այս
բռնապետութիւնը
բացառիկ
թէեւ,
կ՚ազդէր
միջինին։
Իրողութիւն
էր,
որ
բոլոր
կազմակերպուած
ընտանիքներու
մէջ,
այսինքն
հո՛ն՝
ուր
յիսունէն
վեր
կին
մը
եւ
վաթսունէն
ոչ
շատ
վեր
այր
մը,
տասնեակ
մը
զաւակներու
պսակովը
ուժաւոր,
կը
տիրեն
անդիմամարտ,
հոն,
մէջ-կինը,
մայրը
նկուն
է
եւ
արհամարհուած։
Ան
չունի
իր
հետ
զաւկըներուն
սէրը,
որ
ընդհանրապէս
սկիզբ
ու
մա
ր
մին
կ՚առնէ
մամերուն
ծոցէն,
ուր
կ՚ապաստանին
անոնք
իսկոյն,
որ
օրանը
ձգեն
ու
կը
մնան
հոն
մինչեւ
հոգիին
կազմութիւնը
`
պահելով
ընդմիշտ
կնիքը
անդրանիկ
այս
ոստայնացումին։
Վէճի,
մահու
չափ
խոր
ատելութեանց
ընթացքին՝
ան
չունի
իրեն
հետ
սեփական
իր
ծնողքին
պաշտպանութիւնը,
որուն
արժէքը
այնքան
մեծ
է
միջ-գերդաստանեան
ճակատումներուն։
Կը
նշանեն,
կը
կարգեն
անոր
զաւակները
`
առանց
լրջօրէն
խորհելու
զանոնք
ծնողին
կարծիքին։
Դժ
ո
ւար
է,
որ
կեսուր
մը
որեւէ
կէտի
մը
մէջ
զիջանի
որեւէ
բան
հարցնել
իր
հարսին։
Հեղինակութեա՞ն
զգացում։
Նախա՞նձ։
Ծերութեա՞ն
չարափոխում։
Կարելի
է
թուել
պատճառներ
ու
բան
մը
բացատրած
չըլլալ։
Տունին
մէջ
ամէն
տարիք
ունի
իր
գօտին,
պահանջները,
կարիքները,
կարօտները։
Տղան
արարած
մըն
է
եւ
աշխարհ
մը։
Աղջիկները
եւ
նշանուելիք
մանչերը
տունին
դէմքն
են
`
գեղին
դարձած։
Ծերեր,
երբ
անկար
չեն՝
փառքն
ու
պսակը
ընտանիքին։
Մա՞յրը։
–
Բայց
անիկա
չի
կրնար
խանութ
իսկ
մտնել,
քանի
մը
կանգուն
կտաւ
կամ
բեհեզ
կտրել
տալու,
սեփական
իր
բարիքին
համար,
վասնզի
իր
սնտուկը
–
օժիտին
սնտուկը
–
զինքը
պարտաւոր
է
ձգել
մինչեւ
կեսրութիւն։
Ու
հսկայ
աշխատանոցին
մէջ,
որ
տունն
է
գեղին,
մայրը
կը
նմանի
հնոցպանին։
Ան
իր
պաշտօնին
վրայ
պարտաւոր
է
կենալ։
Ու
ոչ
մէկը
կը
մտածէ
անոր
գոյութեան։
Գուցէ
Արեւելքն
ըլլայ
պատճառ
այս
երեւոյթին։
Տաճկական
օրէնքները,
որոնք
վրաններու
կենցաղի
մը
անդրադարձը
կը
թուին
ըլլալ,
զայն
մոռցած
են
գրեթէ։
Բաժինքի,
ժառանգութեան,
իրաւախոհութեան
բոլոր
հարցերուն
մէջ
անիկա
կը
մնայ
ամէնէն
զրկուածը,
յաճախ
բացակայ։
Սովորութիւն
է
զայն
նմանցնել
ամանի
մը,
որ
իր
պարունակութեամբը
միայն
կշիռ
կը
ստանայ։
Ու
պարպուած
տակառին
պէս՝
ան
կը
նետուի
անկիւնին,
ամէն
տղա
բերքէ
ետք։
Թերեւս
այս
ամէնը
պատճառ
է,
որ
անիկա
մտիկ
չըլլուի
ոչ
ոքէ՝
ա)
–
Էրիկէն,
որ
տունին
մէջ
միութիւն
մըն
է
ու
պարտքին
տակը՝
հաշուի
առնելու
միւսները,
մեծ
կամ
պզտիկ
եղբայրներ,
բոլորն
ալ
նոյնարժէք
միութիւններ
տան
հաւաքականութեան
մէջ։
բ)
–
Կեսուրէն,
որ
հարսներուն
մէջտեղը
պէտք
է
զետեղէ
ինքզինքը
`
պարտքի
ու
արդարութեան
նժարի
մը
պէս։
գ)
–
Զաւակներէն,
որոնք
ցերեկը
դաշտը
գործի,
իրկունէ
իրկուն
զայն
կը
տեսնեն
միայն,
սեղանին
շուրջը
ու
պատառը
բերաննին,
կ՚աճապարեն
դէպի
իրենց
հարսով
անկողինները։
Իմ
տղայութեանս,
քիչ
բան
փոխուած
էր
այս
կարգերէն։
Որդիներուն
եռանդը՝
հայրենի
օճախէն
կարելի
փոյթով
բաժն
ո
ւելու,
գրեթէ
նոր
կը
սկսէր։
Ու
այս
կարգի
տղաքը
կը
դիտուէին
որոշ
մեղադրանքով
ու
բամբասանքով։
Անդին,
հսկայ
բնակարանը
կենարար
կեանքով,
մանուկներով
ու
հարսներով,
նշանած
աղջիկներով
ու
փեսացու
երիտասարդներով,
առանց
որ
այդ
ամբողջին
մէջ
առանձին
դէմքի
արժանի
դառնային
մայրերը։
Նալպանտենց
տո՞ւնը։
Բայց
անիկա
չէր
կրնար
չընդունիլ
ու
չկրել
ցոլքը,
կշիռը
այս
մտայնութեան։
Քաղաքային
օրինագիրքը,
որ
արդարութեան
սարուած
մը
գէշ-աղէկ
ստեղծած
էր
ընկերութեան
վրայ,
ձեռնթափ
էր
անկէ։
Միւսը՝
հի՛նը,
կը
պաշտպանէր
զաւակը,
բայց
կ՚անիրաւէր
մայրը,
անշուշտ
կինը
։
Ոչ
միայն
այդքան։
Յաճախ
էրիկներէն
ժառանգ
մնացած
մէկ
եօթերորդ
տախտակին
հետ,
մայրերուն
կ՚անցնէր
նաեւ
ծեծը
իրենց
որդիներէն,
որոնք
չէին
վախնար
ձեռք
վերցնելէ
իրենց
մօրը
վրայ,
հօրենական
աւանդութեան
հնազանդ
ու
հաւատարիմ։
Անշուշտ
հետզհետէ
ցանցառ
գիծեր
ասոնք,
վայրագ
բարքերէ։
Բայց
կային։
Ու
պէտք
է
ընդունիլ,
որ
մարդիկ
կը
գործեն
ազդեցութիւններու
տակ,
որոնց
թելը
կը
վրիպի
անմիջական
հասողութենէն։
Նալպանտենց
Սերոբը
ձեռք
չբարձրացուց
իր
մօրը
`
գուցէ
հպատակելով
իր
ոսկորներուն։
Անիկա
բռնի
նստեցուց
մայրը
ու
առանց
բարկութեան
–
ինչ
որ
ահաւոր
կ՚ընէր
իր
սառնութիւնը
–
թուքի
մեծ
կոլոզ
մը
նետեց
ճիշդ
ու
ճիշդ
անոր
աչքերուն։
Բառի
ծուէն
մը
չէր
փրթած
ակռաներէն։
Երկինքէն
կրակ
մը,
ինչպէս
կ՚ըսեն
նման
առիթներու,
պիտի
հասկնար
ու
պիտի
հաւատար
Նալպանտենց
հաճի
Աննան,
ա՜ն՝
որ
տէրտէրն
ու
թաղականը
պատկառանքի
վարժեցուցած
էր
իր
դէմ։
Ան
մնաց
ապշահար,
վասնզի
կ՚անգիտանար։
Բայց
տաք
հեղուկը
թարթիչներէն
մղուեցաւ
դէպի
այտերուն
յատակը։
Ու
կը
քալէր։
Մէկէն
իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
աշխարհին
ամէնէն
աղտոտ
որդը
կը
սողոսկէր
քիթին
քովերէն։
Դատե՞ց
կատար
ո
ւածը։
Շփոթ
էին
մտածումները։
Սրբեց
երեսն
ու
աչքերը
վերմակին։
Ու
դանդաղ,
ու
անզօր,
ու
բեկ
էին
անոր
ձեռքերը։
Հաճի
Աննան
իր
կեանքին
անդրանիկ
նախատինքը
կ՚ընդունէր
իր
իսկ
զաւկէն։
Ներքին
խարանը
գրեթէ
չէզոքացուց
գ
արշագին
զեռումը
թուքին։
Այն
ատեն
միայն
տեսաւ,
թէ
որո՛ւ
դէմ
կը
գտնուէր։
Պահիկ
մը
ուրուացաւ
մտքին
հեռուներէն
արդարութեան,
վարձք
ու
պատուհասի
փայլակ
մը։
Կը
սկսէ՞ր
արդէն
քաւութիւնը։
Բայց
մենք,
մեղաւորներ
ըլլալէ
առաջ,
մարդեր
ենք
միշտ։
Մեղքի
ն
ն
ենք
ու
հաշտ
անոր,
երբ
թօթափած
ենք
մեր
ժառանգութիւնները,
անշուշտ
`
զղջումի
գնով։
Ամէն
ոճիր
փայլակ
մըն
է,
որ
պիտի
վերածուի
խղճմտանքի
ճահիճին։
Կրցաւ
նայիլ
պարզ
ու
խոր,
զաւկին
գլխուն
վրայէն,
որուն
դէմքը
անյատակ
զզուանքի
ոստայնի
մը
պէս
կը
դառնանար
այդ
պահուն։
Ի՞նչ
կը
տեսնէր
պառաւը
այդ
դիմակէն
անդին։
Տղան
ելաւ
ոտքի։
Անոր
նեղ
շնչառութիւնը
սուլումի
մօտ
բան
մըն
էր
հիմա։
Բարկութի՞ւն
կը
կեղծէր,
թէ
կը
պատրաստուէր
կարելի
հակահարուածին։
Մայրը
չըրաւ
ճիգ
`
հասկնալու
համար,
թէ
ինչո՞ւ
կը
թքնէր
զաւակը
իր
երեսին։
Իր
խղճմտանքին
մէջ
անդադար
ինքզինքը
սրբացուցած՝
պառաւը
մօտիկ
էր
ուրիշ,
իրականութեան
լիովին
հակադիր
վիճակի
մը։
Բայց
զայրացաւ
անիկա,
երբ
մտածեց,
թէ
որո՛ւ
համար
մտած
էր
ձեռնարկին
մէջ։
«Մէկ
ոտքը
գերեզմանը
չէ՞ր»,
ինչպէս
կը
պատգամէ
գեղացին
պատկերելու
համար
իրենց
դերը
աւարտած
կենդանիներուն
ճակատագիրը։
Նեղուեցաւ
ու
պրկելով
շրթները
պոռաց.
-Ինչո՞ւ
կեցեր
ես։
Վերցուր
ձե
ռ
քդ
ալ։
Սովորութիւնը
կը
պահանջէր,
որ
այս
հրաւէրը
խղդուէր
արագ
ու
բիրտ
հարուածներով։
Որմէ
յետոյ
մայրերը
կը
շտկրտէին
իրենց
լաչակները,
կը
նստէին
ծունկի՝
հանդիսաւոր՝
կը
տարածէին
իրենց
բազուկները
ու
վերացած
աչքով
ու
հոգիով՝
կ՚արտասանէին
պերճ,
սիրելի,
աստուածահաճոյ
անէծքները,
որոնք
բառերու
դէզին
մէջէն
կ՚անջատուին,
կ՚ամրանան
ու
կը
տեւեն
անձին,
տունին
կամ
կալուածին
վերեւ
կախուած՝
ինչպէս
գանկ
մը՝
կտրուած
մարմինէն
ու
նետուած
օդին,
դժբախտութիւն,
տարաժամ
մահեր
կաթկթելով
ենթականերուն
վրայ։
Տղան
մնաց
անշարժ։
Կը
վախնար
զայրանալէ։
-Ինչո՞ւ
կեցեր
ես։
Կրկնեց
մայրը։
Ու
տարօրինակը
հո՛ն
էր,
որ
նախադասութիւնը
դաշնաւոր
ու
խելօք
բանի
մը
պէս
զարնուեցաւ
ու
ինկաւ
սենեակին։
Մայրը
կը
զգա՞ր,
թէ
Նալպանտենց
Սերոբը
կեանքին
մէջ
չվերցուցած
իր
ձեռքը
պիտի
չկրնար
գործածել
մօրը
գլխուն։
Ու
տխուր
էր
ասիկա,
ա՛յնքան՝
որ
մայրը,
նախատինքէն
շատ
անդին,
իր
սերունդին
այս
անսրբագրելի
տկարութեան
հանդէպ
փղձկեցաւ։
Քայքայումն
էր
ասիկա
իր
բոլոր
փառասիրութեանց։
Յետոյ,
ստիպուած,
վերացաւ
ուրիշ
տրտմութիւններու։
Ասիկա՜
էր
հատուցումը։
Ու
այսպէս
ըլլալու
էին
բոլոր
հատուցումները։
Խոնաւցած
իր
աչքերը
ան
պատսպարեց
ձեռքերուն
ետին։
Ու
այդ
վարագոյրին
ետեւէն
անցան
ժամանակի
մեծ,
երկար
ու
դժբախտ
կտորներ,
տարիները՝
զինքը
այնքան
ստորնօրէն
նախատող
սա
տղուն
ծնունդին։
Ու
յաջորդնե՜րը,
անսահման
ու
ահաւոր
աշխատանքին,
որուն
գինը
կը
կազմէր
բիւրեղացած
սա
հրէշը։
Ի՜նչ
շուտ
կը
շրջի
ժամանակին
բաժակը
ու
կը
ցնդի՝
ի՛նչ
որ
հաւաքուած
է
այնքան
դանդաղ։
–
Բոլոր
հոգն
ու
խնամքը,
ցաւն
ու
զրկանքը,
վատնուած
կորովն
ու
մորթուած
երիտասարդութիւնը,
որոնք
վերածուած
էին
սա
անաստուած
միսի
կտորին։
Չլացաւ
սակայն,
ոչ
թէ
հպարտութենէն,
այլ
զլանալու
համար
արցունքին
հեշտանքը
սա
արարածին,
որուն
անողոք
ու
նրբագոյն
հաճոյքներէն
մէ
կ
ն
ալ
դ
իտելն
էր
ուրիշներուն
տառապանքը,
մա՛նաւանդ
արցունքը։
Մայրը
փորձառու
էր
անոր
այս
հակումին,
խոր
տղայութենէն։
Չտկարանալու
համար՝
ան
կարծրացաւ
ինք
իր
մէջ
ու
աւելցուց.
-Մէկ
ափս
գող
ըրի,
մէկալը
բոզ…
Յուզումը
նուաճեց
սակայն
անոր
կոկորդը
ու
արգիլեց
աւարտել
դասական
առածը,
որ
խռովայոյզ
այրիներու
պայքարները,
իրենց
որբերը
պարտկելու
ճամբուն
վրայ
անոնց
հանդուրժած
զրկանքը
կը
փոխաբերէր։
Գեղին
մէջ
թերեւս
քիչ
ըլլայ
կշիռը
անկողինին,
այս
խարոյկին
մէջ,
բայց՝
գո՛յ։
Այրի
մահիճի
կուշտին
դրամը
քիչ
բան
կ՚արժէ։
Տղան
գլխահակ
մտիկ
կ՚ընէր։
Նուաճուա՞ծ
էր
ըրածին
ամօթէն։
Քարշուա՞ծ
կրկին՝
խորը
իր
անկարողութեան
ճահիճին։
Փակ
էին
աչքերը
ու
դէմքը
կապուած։
Ու
կարելի
չէր
փշրանք
տեսնել
անոր
հոգիէն
սա
կոյտին
մէջ,
որ
անոր
մարմինը
կը
կազմէր։
-Որո՞ւ
համար,
հէ՞,
որո՞ւ
համար։
Նետեց
անիկա
արդար
ու
հպարտ
հարցումը
անոր
քիթին
ու
բերնին։
Տաք
էին
բառերը,
հարուստ։
Սկզբնական
շուարումը
փոխարինուած
էր
տենդագին
կիրքէ
մը,
որ
անոր
խարխլած
մարմինը
կը
դ
ողացնէր
բիւր
բերաններէ։
Այս
սարսուռը
կ՚աւելնար
անոր
կիրքին
ու
կ՚ընէր
զայն
փսորած,
ամբողջը
կազմելու
անկարող
բան
մը։
Կը
պատահի
ասիկա,
երբ
մեր
կիրքերը,
մենէ
մեծ
ըլլան
ու
մեզ
խաղալիք
դարձնեն
իրենց
ճնշումին։
-Յուդա՜,
Յուդա՜։
Փակցուց
նոյնքան
սրտոտ,
նոյնքան
լեցուն,
ատեն
չձգելով
տղուն,
որ
հաւաքէ
ինքզինքը։
Յետոյ
հանգչեցաւ։
Բայց
անէծքը
կարօտ
է
փոքր
լուսաբանութեան։
Բացագանչութիւնը
կու
գար
հսկայական
նկարէ
մը,
որ
կը
ծածկէր
ժամուն
պատը,
այրերու
գաւիթին
հարաւէն։
Չեմ
յիշեր
հիմա,
թէ
ո՛ր
դարու
գործ
էր
ան։
Բայց
Վերջին
դատաստան
ին
մանրանկարը
ըլլալու
էր
այդ
բարբարոս
պատկերը,
արքայութեան
ու
դժոխքի
դասական
բաժիններով։
Անարժէք
ու
հրէշադէմ
սուրբերուն
ու
սրբուհիներուն
դէմ,
որոնք
արքայութիւնը
կը
վերածեն
միսերու
անհամ
պարտէզի
մը,
տպաւորիչ
էր՝
թէ
՛
իբր
գեղագրութիւն,
թէ՛
իբր
դիմանկար՝
սանդարամետը,
ուր
մեղաւորները
պատժուելու
վրայ
էին
միջնադարեան
չարչարանքներով…։
Հոն
էր
մեծ
մեղաւորը,
Յուդան,
ձեռքին
երեսուն
արծաթ,
բարբարոս
վայրանկարի
մը
վրայ,
ուրուաձեւ
ու
ինքզինքը
կախած
ահաւոր
ժայռի
մը
երախէն,
բայց
գլուխով
մը,
երեսի
արտայայտութեամբ
մը,
որ
կը
մխուէր
մարդուն
ուղեղին
երկաթի
պէս
ու
դուրս
էր
մարդկայինին
սահմանէն։
Նկարին
հուժկու
եւ
սարսռազդեցիկ
այս
գլուխը
ար
ո
ւեստագէտը
դ
րեր
էր
երկրորդ
անգամ
փոսի
շրթունքին,
ուր
կը
հրուէին,
թաւալգլոր,
իրենց
ծնողքին
վրայ
ձեռք
վերցնողները։
Այնպէս
որ,
տխուր՝
բայց
ընթացիկ
սա
մեղքին
համար
մայրերը
փոյթ
ունէին
շատ
կանուխէն
հրահանգելու
ի
ր
ենց
տղաքը,
ձեռքերնուն
բռնած
կեցնելով
պատկերին
դէմ
ու
մատնանիշ
ց
ո
յց
տալով
զարհուրելի
գլուխը։
Ժողովուրդին
երեւակայութիւնը
մեկնելով
դէմքերուն
նոյնութենէն
զետեղած
էր
երկու
մեղքերը
նոյն
աստիճանին
ու
նոյն
պատուհասումը
բանաձեւած
մեղաւորներուն։
Սատանաները
իրենց
պոչերուն
մէջ
կը
հիւսէին
անոր
իրանն
ու
անդամները,
ամրակուղպ,
անքակտելի,
իրենց
ագիներէն
կող
ու
սրունք
ճարելով,
փ
շ
ացած
իրենց
թեւերով
կը
շինէին
կուրծք,
բայց
ազատ
կը
ձգէին
գլուխը,
այնպէս
ցայտեցուցած
անոր
մարդկային
թշուառութիւնը,
որ
նայողը
կը
սարսռար։
Տանջանքի
գերակշիռ,
խիստ
ու
անջնջելի
զգայութիւն
մը
կը
խռուանար
ու
կը
մնար
մինչեւ
հոգեվարք
գեղին
բոլոր
մարդերուն
մէջ։
Չկար
անէծք
մը,
նախատինք
մը,
որ
մօտը
դրուէր
այս
պատուհասումին։
Գուցէ
ցեղային
մեծ
մեղքը,
մատնութիւնը
այս
դատաստանումին
էր
տարուած՝
գեղացիին
միամիտ
դատումովը։
Կը
զգուշանային
անկէ
առհասարակ
մայրերը,
վասնզի
նախապաշարում
թէ
իրողութիւն,
դիտուած
էր,
որ
զայն
ճիտին
առնողը
ոճիրի
կը
մղուէր,
կը
թրքանար,
տարաժամ
ու
եղերալից
մահուան
կ՚ենթարկուէր։
Նալպանտենց
Սերոբին
օխա
մը
թուքը
չէր
կրնար
հակակշռել
անէծքը։
Հագաւ
զայն
սակայն,
անդոհակոծ,
ջրի,
յիմար,
ու
պոռաց՝
-Յեղաբել…
Չէր
դիմացած։
Նալպանտենց
Սերոբը
սրբազան
պատմութիւնը
գոց
գիտէր՝
ինչպէս
բանտերուն
մեծ
պատմութիւնը։
Բայց
բոլոր
խուժդ
ո
ւժ
կամ
գողտր
դրուագներէն
աւելի՝
ան
կ՚ախորժէր
այդ
պատկերէն։
Բառը
կը
վայելէր
տարտամ
ժողովրդականութիւն
մը,
նոր
սկսած,
բայց
ծանր,
խորհրդաւոր։
Կը
հետապնդէր
պոռնիկը,
աւելի
ճիշդ՝
դաւադիր
ու
խառնակիչ
կինը,
որ
տագրերը
իրար
կը
ձգէր
ու
տունին
խաղաղութիւնը
կը
քանդէր
`
բաժնելով
աղբարները
ժամանակէն
շատ
առաջ։
Կիները
զայն
չէին
գործածեր
իրենց
առօրեայ
կռիւներուն
ընթացքին։
Բայց
անիկա
կը
պատէր
ուր
ո
ւային
սոսկումով
մը
«նզովից
արմատ»
սեռին
վրայ։
Նալպանտենց
Սերոբը
հարիւր
անգամ
կարդացեր
էր
Ս.
Գիրքէն,
ամբարիշտ
թագուհիին
կապուած
դրուագումը։
Ու
ամէն
անգամ
կը
խռովէր։
Ընդարձակ
մատեանին
հազարաւոր
դէմքերէն
ինչո՞ւ
այդ
հերատուկին
օձախռիւ
նկարը
գամուեր,
սատափուեր
էր
իր
ուղեղին։
Կնի՞կ
մը,
ի՛նք,
որպէսզի
այդքան
սարսափով
կապուէր
դաւապսակ
պոռնիկին։
Երկու
հսկայ
նախատինքներէն
վերջ
անոնք
պահ
մը
մնացին
լուռ։
Իջած
էր
սրտոտ
բռնկումը
պառաւին,
որ
մայր
էր
ի
վերջոյ
եւ
քոսոտ
ճիւղին
վրայ
դողահար
սիրով
տագնապուն։
Սրբուեցաւ
չ
եղած
բարկութիւնը
Սերոբին,
որ
իր
տունին
բոլոր
հարցերուն
մէջ
մտածեր
էր
մօրը
ուղեղով
եւ
կը
զարմանար,
արդար
զղջումով,
իր
միջամտութեան
սա
խաղքութեան։
Ու
գրեթէ
առանց
ցուցմունքի,
անոնք
հասկցան,
թէ
դէմ
դէմի
չէին
եկած
սա
վայրկեանին,
Ս.
Գիրքին
հայհոյութիւնները
իրարու
գլխին
նետելու։
Ո՛ր
ճամբաներէն
մօրը
այցելեց
պատեհագոյն
զգացումը՝
անբնական
ու
փշալից
սա
կացութիւնը
դնելու
վճռական
լոյսի
մը
տակ
դժնդակ,
աղտոտ՝
բայց
պարզուած
ու
իրաւ։
Պառաւը
թեթեւցած
էր
ահաւոր
ճնշումէն,
որով
մաղաղկած
էր
ամբողջ
ողբերգութեան
ընթացքին։
Սերո՞բը։
Անոր
մտքէն
ուրուացաւ
ու
անցաւ
ինչ
որ
պէտք
չէ,
չի
կրնար
գրուիլ։
Այսպէս
է,
որ
թուքէն
ու
նուաստացումէն
յետոյ
անոնք
մտան
այն
ճամբան,
ուրկէ
կը
քալեն
մարդոց
խորագոյն
անձերը,
ոչ
անոնց
սուզուած
ու
ներկուած
պատկերները։
Մե՜նք
բոլորս
ճամբորդներ,
բայց
սակաւադէպ,
որ
կ՚ընենք
այդ
զիջումը
մեր
հպարտութեան
ու
մեզ
կը
տեսնենք
այդ
արձակութեանց
վրայ,
մղուած
մեզ
վարող
ուժերէն,
ու
կորաքամակ
ու
խեղճ,
առանց
վախի,
բայց
առանց
նեցուկի,
մեր
իսկ
փոքրութեան
աստղովը
լափլփող
։
Ու
յետոյ,
մտան
անոնք
մռայլ
բաւիղէն
ներս,
ուրկէ
գրուած
է
քալել
մարդոց
որդիներէն
շատ
շատին,
ուսուած
իրենց
պատիժովը,
որ
մեղքն
է
իր
բիւրազգի
ուռկաններովը,
շաղապատող
ու
վայրաձիգ
կամ
խայթն
է
իր
բիւրազգի
ասեղներովը,
հաւասարապէս
սուր
ու
նիզակող։
Որ՝
կի՛նն
է,
որ՝
ա՛յրն
է,
բայց
օձագալար
ու
սողոսկուն,
ծոծրակէն
կարթուած
ու
սիրտէն
օղաւոր՝
ծամելով
համն
ու
թոյնը,
արհամարհանքն
ու
հեշտութեան
լեղին,
ամէնէն
անարգը
բոլոր
պատուհասումներուն։
Այս
ճամբորդութիւնը
յաճախ
կը
խորտակէ
ուղեւորը։
Սիրոյ
ոճիրները
հանգոյցներ
են
այդ
ուղիներուն
դարձուածքին։
Չմեռնո՞ղը։
Ան
ալ
պիտի
քալէ,
աչքերը
վար,
անցքէ
անցք
ու
կայանէ
կայան,
մինչեւ
որ
տարիքը
ճերմկցնէ
կամարները
եւ
սիրտերը
եւ
ոտքերը
կակուղ
կաւի
վերածուին,
նոյննալու
չափ
ճամբուն
մեծ
ցեխին։
Ու
պիտի
իյնայ
մեղքին
տակ
բիւրեղացած։
Տարօրինակ
ճամբորդութի՜ւնը։
Հեծեծակոծ
ու
հզօր
բախումին
իսկ
մէջը
անոնցմէ
չէր
բաժնուած
անասելի
այն
վստահութիւնը,
որ
կապեր
էր
իրարու
անոնց
կեանքերը,
մօր
ու
տղու
բնական
հանգոյցէն
դուրս։
Հարսնիքէն
ասդին
անոնք
համակամ
դաշնակիցներու
նման
չէի՞ն
վարած
Նալպանտենց
տունը։
Որո՛ւ
կը
հայհոյէր
Սերոբը։
–
Անո՞ր՝
որ
իր
անպատմելի՜
ամօթը
պարտկեր
էր
տարիներով,
թումբ
դրած
գեղին
լեզուին,
հոյաշէն
հարսի
մը
հզօր
արգանդին,
ու
ըրած,
կարելի
դարձուցած
անկարելին,
–
իր
շեմին
կապուած
պահելով
մանկամարդ
կինը,
բժիշկներուն
վճիռէն
ալ
ետքը։
Զո՞վ
կ՚անիծէր
հաճի
Աննան։
–
Ա՞ն՝
որուն
յղացումին
համար
ան
զոհած
էր
էրիկը
եւ
պիտի
զոհէր
աւելին…։
Ան
սարսռաց
վերաքաղին
տակ
այն
յուզումներուն,
որոնք
ամրացած
ու
բանտուած
կը
մնային
անոր
ջիղերուն
ակօսներէն։
Չէ՞
որ
աչքն
առած
էր
ընել
ամէն
քայլ։
Որուն
սաղմնաւորումէն
յետոյ,
աշխարհ
իջնելէն
յետոյ՝
անիկա
ըրաւ
իր
կեանքը
մէկ
ու
միակ
պայքար
մը,
առնելու
զայն
մարդոց
ու
մահուան
ժանիքներէն։
Ի՞նչն
էր
իր
սպասածը
սա
անցաւոր,
աղցաւոր
աշխարհէն։
Տղա՜ն։
Իր
տղա՜ն։
Իր
արիւնը,
որ
այդ
հզօր
պատրանքին
տակ
պիտի
տեւէր
իրմէն
դուրս
ու
վերջ։
Մարդ
յիմարութեան,
ինքնասպանութեան
գնով
միայն
թշնամի
է
ինքզինքին։
Ու
անոն
ք
բացառութիւն
չէին
կազմեր
այդ
օրէնքէն,
որ
ընտանիքի
մը
անդամները
իրարու
դէմ
հանելէ
յետոյ,
զանոնք
իրարու
կը
հեղիւսէ,
կը
հանգուցէ
արտաքին
վտանգին
դէմ,
անակնկալ
լուծումներու
տանելով
առտնին
վէճերը։
Անոնք
անխուսափելի
էին
իրարու։
Ու
ահա՝
աւելի
նուրբն
ու
լեղին։
Այս
վայրկեանին
իրենց
կասկածելի
կողմերէն
դուրս
էին
այն
պատմութիւնները,
որոնք
հարսներու
արգանդին
համար
օտար
տղաք
առագաստ
կը
կանչեն։
Մտքով
յիշեց
այդ
տուներէն
մէկ
քանին։
Առաջին
գիծի
կու
գար
անոնցմէ
մէկը,
բարի
եւ
անցեալով
ընտանիք,
հասնող
օտարին
ու
հարուստ,
ուր
գեղին
գեղեցկագոյն
հարսին
արգանդը
կապ
մնաց
ինը
տարի։
Հեքիաթ
ու
բանաստեղծութիւն
չպակսեցան
գլուխէն
հարսնուկին,
որուն
գիծերը
իրենց
մաքրութեամբը,
նրբութեամբը
ստուերի
մէջ
կը
ձգէին
Նալպանտենց
Աղուորը։
Անշուշտ
պատմութեան
խառնուած
էր
տան
մատաղ
ծառային
անունը,
խելօք
ու
քաղցր
մանչ
մը,
որ
փեսայ
դարձաւ
անոնց
օճախէն
ու
ծերացած
էր
հիմա։
Իրական
էր,
որ
յապաղած
արգանդը
ծնունդ
էր
տուած,
ինը
տարուան
գօսացումէն
ետքը,
կէս
երկվեցեակ
տղոց,
բոլորն
ալ
իրարմէ
առողջ
ու
աղուոր։
Բամբասանքը
հեռացող
ջուրին
կը
նմանի։
Քանի՛
հեռանայ,
ա՛յնքան
քիչ
կը
հնչէ։
Էրի՞կը։
Բայց
մարդուն
մազն
իսկ
չշարժեցաւ
տեղէն։
Անկնճիռ,
բարի,
առատաձեռն՝
անիկա
առաջ
գնաց,
Աստուծոյ
օրհնութեամբը։
Գիւղապետ՝
տարիներով։
Մնայուն
աթոռակալ։
Եպիսկոպոսները
տարուէ
տարի
զարդը
կ՚աւելցնէին
անոր
մեծակառոյց
տունին։
Ու
եղն
ու
մեղրը
կը
հոսէին
անոր
դուռներէն,
աղբիւրի
պէս։
Նալպանտենց
Սերոբը
մտքով
ինքզինքը
դրաւ
տեղը
հաճի
Յակոբին,
նախանձելի
աղային։
Հիմակ
ալ
դեռ
կը
յիշատակուէր
եղելութիւնը,
բայց
կը
զեղչէին
ծառային
անունը
ու
կը
ծանրանային
Աստուծոյ
կարգադրութիւններուն
վրայ,
որոնք
տէրտէրին
վկայութեամբը
կատոզի
եւ
խոզակի
մեր
հաշիւներուն
չէին
ենթարկուեր։
Լուսաւոր
այս
պատկերը
սրբուեցաւ
սակայն
անոր
ուղեղէն։
Հոն
ծառացողը
մռայլ,
նուաստ
նախանձ
մըն
էր։
Վասնզի
հարուստ
տուներէն
շատին
մէջ
կինը
կեանքի
ընկեր
մը
չէ։
Զայն
կ՚ընտրեն
միշտ
հաշիւով։
Տգեղութիւնը,
չորցածութիւնը,
նոյնիսկ
խօթութիւնը
չեն
տեսնուիր,
երբ
ժառանգին
բաժինը
հաստկեկ
է
հարսին
կռնակին։
Ուրիշ
տուներու
մէջ
–
միշտ
հարուստ
–
կինը,
հակադիր
կողմէն,
էրկանը
պիտի
բերէ
շատ
ողորկ
գեղեցկութիւն
մը,
դասական
կատարելութեամբ,
որուն
վրայ
կիները
պիտի
ճշդեն
քիթին
մանրութիւնը
ու
աչքերուն,
յ
օ
նքերուն
կրակը,
այրերը՝
խորութիւնը,
թաւիշը,
առքը
տարփանքին։
Անիկա
պիտի
ըլլայ
է՛ն
հզօր
առարկան
էրկանը
փառքին
ու
հպարտութեան։
Անոր
մորթին
բացութիւնը,
փափկութիւնը,
դեղնաւուն
ծիրանին,
զոր
ճերմակը
նուաճել
ջանար,
զարդն
ու
ոսկիները,
քալուածքին
համն
ու
կուրծքին
զեղուն
խոստումները
էրիկին
համար
սնափառութեան
անծածկելի
զսպանակներ
են։
Ան
կը
քալէ
գլուխը
բարձր,
կը
նայի
կիներուն
հասկցող
հպարտութեամբ
մը։
Ու
ամէն
երիտասարդ
էրիկ
է,
երբ
զաւակներուն
թիւը
չորսի
մօտենայ։
Նալպանտենց
Աղուո՞րը։
Անշուշտ
ամէնէն
աղուոր
պուպրիկներէն։
Ու
զարմանալին
հո՛ն
է,
որ
Սերոբէ
էֆէնտին
կը
տառապէր
ամէնէն
շատ
սնափառութեան
հասած
այս
հար
ո
ւածէն։
Ան
կը
տառապէր
յառաջիկայէն,
երբ
եղելութիւնը
պիտի
իյնար
փողոց։
Ակռաները
կը
սեղմէր
ծառային
պատկերին
վրայ,
ուր
չէր
տեսներ
իր
պատիւը
սպաննող
էրիկմարդը,
այլ՝
աղքատը,
բորոտը,
անօթին,
անոնց
`
հարուստներուն
բառովը՝
խլլոտը
։
Դասական
այս
տեսարանումին
վրայ
անիկա
չուզեց
տեսնել
նորէն
դաշոյնն
ու
անոր
շողիւնը,
որոնք
անմոռանալի
գծագրումով
մը
կը
տիրէին
անոր
ուղեղին։
Յետոյ
իջաւ
`
օրուան,
կեանքին
ուզած
չ
նչին
մարդը
ըլլալու։
Չենք
խորհիր
այս
ողբերգութեան,
որ
կը
վրիպի
գուցէ
իր
անհուն
ընդարձակութեանը
համար։
Յաջորդական
այս
յօրինումներուն
ներքեւ
անոր
դէմքը
պարպուած
էր
չունեցած
իր
պատիւէն
ու
ըրած
զինքը
շքեղ
անասուն
մը։
Այսպէսով
գեղին
գերագոյն
նախատինքը
ներկի
ար
ա
տի
մը
պէս
կը
տեղաւորուէր
անոր
ճակատին,
բայց
չէր
նեղեր
զայն։
Հաճի
Աննա՞ն։
Անիկա
ալ
ինկաւ
իր
միակ
բարկութենէն,
զոր
զաւկին
ապերախտութիւնը
վառեր
էր
իր
մէջ
պահի
մը
համար։
Թող
ներուի
անոր
այս
ձեւ
զգալ
անկարող
այս
զիջումը,
զոր
կ՚ընենք
ճակատագրին
առջեւ։
Մահը,
եւ
պատիւին
մահը
իրարու
կը
նմանին,
ու
ասիկա՝
Արեւելքի
ըմբռնումէն
վեր
տարողութեամբ։
Վարը
`
փողոցը,
առտուն
կ՚ըլլար
աւելի
քան
զուարթ։
Չորս
պատերուն
եւ
տանիքի
մը
տակ
պայմանաւոր
դժբախտութիւնը
երբեմն
կը
խորանայ
այս
հակադրութիւններով։
Ինչ
որ
գեղը
կը
զարնէ
ոտքէն
գլուխը
ու
հազարաւոր
սրտեր
մղձուկի
կը
նետէ,
գուցէ
շինուած
է
փոքր
ու
անջատ
սա
ցաւերէն։
Բայց
մենք
կ՚ուրանանք
մենէ
դուրս
ամէնէն
առաջ
ցաւը։
Բազմազբաղ
հարսները՝
գործի։
Կարելի
էր
հետեւիլ
խօսքին,
որ
հրապարակ
դրած
էր
գիշերը,
իր
շունովը,
Նալպանտենց
«մենծ»
լոյսովը։
Կը
խնդային,
պարզ
ու
անգէտ,
իրարանցում
ստեղծելնուն։
Տեսած
էին
սովորականին
պէս,
Սողոմը,
ձին
առաջ,
որ
իջած
էր
դաշտ։
Տե
ս
ած
էին
Աղուորին
ալ,
քիչ
մը
կանուխկեկ,
հաւանաբար
մէրանցը
գացած,
խնամի
Սարեկը
կանչելու։
Սերոբը
ով
գիտէ
քաղաքէն
նոր
ի՛նչ
կերպասներ
էր
բերած,
որոնք
ձեւուէին
պիտի։
Կին
մը
տէրտէրին
բարեւը
դիմացի
պատուհանէն
հաղորդեց
հաճի
Աննային։
Ինքնիրեն,
առանց
հրաւէրի,
դուրսի
կեանքի
այս
խուժումը,
իրերուն,
մարդերուն,
լաւ
կամ
գէշ
հոգերուն
այս
հոսումը,
ամէն
օրուան
նման,
առանց
ազդուելու
ահաւոր
պատահարէն,
որ
Նալպանտենց
տունը
լման
գիշեր
մը
ըրեր
էր
կրակի,
սեւ
կրակի
ոստայն
մը,
կ՚աւելնար
մօր
ու
տղու
կործանումին
վրայ,
անհոգ,
օտար,
գեղեցիկ։
-Նստէ՛,
-
հրամայեց
մայրը։
Շտկուեցաւ
`
կռնակը
տեղաւորելով
բարձին։
Վերմակին
մէկ
մասը
ինկեր
էր
դուրս,
գետին։
Ուրիշ
ատեն
անիկա
հոգածու
էր
շատ
մաքրութեան։
Հիմա
չէր
տեսներ։
Իր
ուժերը
ան
հաւաքած
էր
ու
քառակուսած։
Կարծես
հիւանդ
չըլլար,
եղած
չըլլար։
Տղան
կրկնել
չտուաւ
հրամանը։
Անիկա
դեռ
չէր
ազատած
հզօր
սարսափէն,
մօրը
անէծքն
ու
ատելութիւնը
ընդմիշտ
ժառանգած
ըլլալու։
Նախապաշարուած՝
բոլոր
դժուար
մեծցող
մարմիններուն
նման,
որոնք
կեանքին
հետ
իրենց
սերտութիւնը
կը
ծածկեն
այդ
արտաքին
միջոցներուն
ծոցը,
վախկոտ
ու
վերապահ՝
իր
ոսկորներուն
կռնծած
մատնութեամբը,
գրեթէ
էգ,
զոր
եղած
էր
տարիներով
ու
պահած
ատկէ՝
կնիկի
դիւրագրգռութիւն,
բայց
դիւրաբեկում
ալ
նոյն
ատեն,
նուաստ՝
անկանգնելիօրէն
բժիշկներուն
մօտ
ու
իր
անկողինին
անլուր
խօթութեամբը՝
անիկա
երբ
դուրսը,
իր
խելքին
ճառագայթումին
մէջ
չզգար
ինքզինքը,
կը
նմանէր
ազազուն,
անկոթուն
բանի
մը
ու
իր
բնական
պաշտպանին,
մօրը
շուքին
մէջն
էր,
որ
կը
ստանար
կորովի,
ընդդիմահար
մարմինի
ստուեր
մը։
Երբ
ծալապատիկ
նստաւ
վերմակի
ծայրին,
նայող
մը
պիտի
կարդար
վրան
հանդարտ
գոհունակութիւնը,
որ
օտար
է
համակերպումէն
եւ
զանազանելի։
Անիկա
միշտ
ալ
գոհ
էր
եղած
մօրը
շինած
կեանքէն։
Ու
գոհ
էր
հիմա։
Այն
ատեն
անոնց
վերադառնալու
պէս
եղաւ
տարօրինակ
այն
մտերմութիւնը,
որ
մօրը
գորովէն
եւ
տղուն
երկիւղէն
կը
յօրինուէր
եւ
որ
տուած
էր
մասնակի
նկարագիր
մը
այդ
տունին,
գեղին
առջեւ։
Կան
այս
տուներէն,
ուր
էրիկ
կնկան
խորքը
կ՚ելլէ
հարսին
սենեակէն
ու
կը
դառնայ
մօր
ու
տղու
սերտութիւն։
Կինը
կ՚անիծէ
բախտը,
կեսուրը,
բայց
չի
կրնար
էրիկը
կապել
իրեն։
Կարծես
թէ
ոչինչ
պատահած
ըլլար։
Քակուեցան,
կը
հաւատար
հաճի
Աննան,
կապերը
ամպին,
որ
գիշերուընէ
ի
վեր
բռներ-կեցեր
էր
տունը։
Կարծես
տունին
պորտին
հսկայ
մեղքը
հոր
չբանար։
Ու
լեզո՜ւն։
Հաճի
Աննային
լեզուն։
Ան
հիւանդ
չէր
եղած
երբեք։
Խօսեցաւ
բանգէտ,
փորձառու
փաստաբան
տիկինը։
Իր
սիրած
դատին
հետ,
իսկոյն
անիկա
դրաւ
ինքզինքը
իրաւունքին
ճառագայթման
մէջ
–
վասնզի
իրաւունքը
տեսական
յօդուածաշարքը
չէ
օրինագիրքերուն,
այլ՝
մեր
կիրքերով,
խառնուածքով,
ջերմութեամբ
պայմանաւոր
նիւթական
գոյ
աց
ութիւն
մը,
հաստ
ու
շօշափելի,
արդարութենէն
ու
անիրաւութենէն
բոլորովին
հեռու,
մեր
ձեռակե՛րտը,
որուն
կաղապարն
ու
գոյնը
կու
տանք
մեր
քէներուն
եւ
համակրութեանց
–
ու
անոր
վերադարձաւ
բացարձակ,
սիրական
հեղինակութիւնը,
որ
քիչ
առաջ
խոյս
տուած
կը
թուէր
իր
ափերէն։
Կիսաբաց
պատուհանը
–
չէին
գիտեր,
թէ
ինչո՞ւ
չէին
գոցեր
–
զայն
կը
ստիպէր
ընել
ձայնը
ցած,
երբեմն
շշուկ
ու
փսփսուք,
երբեմն
լուռ
հրաման
ու
վճիռ։
-Ինչե՜ր,
ինչե՜ր
չեմ
ըրեր
քեզ
ազատելու…
Կ՚ակնարկէր
անոր
ազազուն,
անկանգնելի
դատուած
մանկութեան,
ուրկէ
քաշած
էր
իրաւ
է
թէ
փոքր,
բայց
գեղին
մէջ
անունի
եւ
պատուի
տէր
Սերոբէ
էֆէնտին,
անկարելի
խնամքներու
գնովը։
-Ինչե՜ր,
ինչե՜ր
չեմ
ըրեր…
Գուցէ
կ՚ակնարկէր
հարսնիքին,
անով
ստեղծուած
գոյավիճակին։
-Ի՞նչ
է
ըրածս…
Կ՚ակնարկէր
վերջին
պատահարին։
Ազատելու
համար
վերջնական
մահը
սա
տունին։
Իր
արիւնին
պարտադրուած
սա
կործանումին,
սպառսպուռ
ջնջումին
դէմ
իր
ըրա՜ծը։
Տաք,
սրտագին,
արդար
այս
փաստարկութիւնը,
ինքն
իր
մէջ
գեղեցիկ
արդէն,
անկախ՝
հարցէն,
զոր
լուսաւորելու
եւ
լուծելու
պաշտօնն
ունէր,
դրաւ,
անգամ
մըն
ալ,
պառաւը
իր
հազուադէպ
այն
պահերուն
մէջ,
ուր
անիկա
նուաճեր
էր
աղաներն
ու
փաշաները,
պերճախօսութեամբը
պարտադրելով
ինքզինքն
ու
իր
խնդրանքը
հասարակաց
հաւանութեան։
Խօսուն,
առնազգի
կիներուն
դէմ
այս
զիջումը,
աւելի
ճիշդը՝
պատկառանքը
մաս
կը
կազմէր
հին
բարքերու։
Օրինակը
թերեւս
կու
գար
թուրքերէն։
Ասկէց
զատ,
տակաւին
հիմա
կան
այդ
բերանները,
որոնք
կը
խօսին։
Ու
վեր
են
սուտէն՝
ինչպէս
իրաւէն։
Կը
խօսին
միայն
վայրկեանը,
իրենց
ներքին,
լրիւ
հեղումը
ու
կ՚ըլլան,
այդ
իսկ
հրաշքով,
անդիմադրելի։
Մտիկ
կ՚ընենք
անոնց,
ներքնապէս
տարակոյս
չունենալով
սուտէն,
ուր
կը
լոլոզուինք,
բայց
չենք
փորձեր
պաշտպանուիլ։
Աւելի՛ն.
հաճոյք
կը
դնենք
մեր
խաբուելուն
մէջ,
երբ
մա՛նաւանդ
փոքր
շահեր
ալ
միջամտեն
ձայնով
ստեղծուած
կախարդութեան։
Հաճի
Աննան
շատ
յառաջանալէն
յետոյ
էր,
որ
անդրադարձաւ
սխալին։
Բազմամեայ
իր
փորձառութեամբը
ան
դիտած
էր
իր
վրիպանքը
իր
տղուն
վրայ,
ամէն
անգամ,
որ
խօսքին
խառնած
էր
անձին
հեղումը,
էգ
հոսանքը,
կարճ
բառով՝
զգայնութիւնը
։
Հո՛ն՝
ուր
ուղեղէն
խօսելու
տեղ,
ջիղերէն
էր
խօսած,
անիկա
հանդիպած
էր
կրաւոր
սառնութեան։
Միշտ
ցաւած
էր
այս
պարտութեան
համար։
Տաք
իր
քարոզին
բոլոր
զգայական
տարրը
–
ճիշդ
ու
ճիշդ
ա՛ն՝
որ
անոր
բառերուն
համն
ու
ուժն
էր
կազմած
օտարներուն
–
թափուեցաւ
գետին,
աւելորդ
իսկութեան
մը
նման,
որուն
անհաղորդ
կը
մնայ
մարդոց
մեծ
մասը։
Ու
անոր
իմաստի
բաժինը,
պատճառներու
եւ
հետեւանքի
շղթայումը,
Նալպանտենց
կալուածներուն
վրայ
սրուած
ախորժակներուն
մեծութիւնը,
որով
կը
թրթռար
ամբողջ
ճառը,
նոյնութեամբ
հաղորդուեցաւ
ջիղերէ
խօթացած
Սերոբին
ուղեղին։
Ըսուած
է,
որ
ներքինիին
տառապանքը
ցանկութեան
պակասով
չէ,
որ
կը
պայմանաւորուի։
Կը
տառապի
ցանկութեան
վրայ
մտածել
չկրնալուն։
Յուզուելու
անատակ
այդ
ջիղերը
ծանր
ակօսներու
նման
անոր
միսերը
կը
հերկեն
ու
այդքան։
Անկէ՞
անդին։
Պճլտուն՝
բայց
պաղ,
Նալպանտենց
Սերոբը
տղայութենէն
մինչեւ
հիմա,
անշարժ
ու
խելօք
էր
եղած
բոլոր
հարցերուն
մէջ,
որոնք
գեղ
ը
տակնուվրայ
կը
բերեն։
Չէին
տեսած
անոր
արցունքը
սրտառուչ
մեռելներու
գլխուն։
Վա՞խ։
Որքան
որ
կ՚ուզէք,
բայց
իմացական,
այսինքն՝
ուղեղէն
հնարուած
ու
դալուկ,
ինչպէս
ջերմանոցի
ծաղիկը։
Չէին
տեսած
անկէ՝
հզօր,
ջերմ
բարկութիւն
մը,
որ
անոր
երեսին
պաղը
կոտրէր
ու
աչքերուն
քիչ
մը
կարմիր
փոխադրէր։
Հաճի
Աննան
դիտած
ու
զարմացած
էր
միայն։
Քիչ
առա՞ջ։
Բայց
ի՜նչ
ցուրտ,
քիչ,
նուաստ
էր
տղուն
յարձակողականը,
զուրկ
ձայնին
հովէն
ու
կիրքին
հուրքէն։
Յանկարծ
մօտեցուց
էգ
այդ
բարկութիւնը
վաւերապէս
ամուլ
կիներու
մօտ
դասական
անզգածութեան,
որոնք
հաշիւով
կը
պատասխանեն,
տասնի
դէմ
մէկ,
բայց
խելքին
ամբողջ
ասեղները
կը
հիւսեն
ամէն
մէկ
վանկի
նեարդին
ու
կը
ճաթեցնեն
կռուակիցը
իրենցմէ
պակսող
յուզումին,
գրգռութեան
քառապատիկը՝
ծորելու
ստիպելով
իրենց
դէմինին։
Կարծես
անոնք
կը
շահին
գրաւը
իրենց
միսերուն
խորը
հանգուցուած
այդ
սառումին
նիզակներով։
Դուրսին
համար
սուրբ,
անոնք
հզօրապէս
տիրակալուած,
բայց
անպարագիծ
ատելութիւններ
են,
ատելութեան
թորեալ
իսկութիւններ՝
կեսուրին,
կեսրայրին,
տագր
ու
ներուըտանցը
հանդէպ։
Հո՛ն՝
ուր
կեանքին
խորագոյն
երակը
հրապարակ
կու
գայ,
արիւնին
բոլոր
խաղերը,
այսինքն՝
այն
հանգուցումները
ու
սերմը,
սեռը,
էգն
ու
արուն,
տղան
ու
աղջիկը,
էրիկն
ու
կնիկը
նկատուած
միայն
ու
միայն
այս
անկիւնէն,
նկատուած
իբր
անուայոյզքը
ապրումի
մեքենականութեան
–
հոն
բոլոր
ամուլները
անողոք
են
ու
կը
կոտրեն։
Չգիտցո՞ղ։
Պառաւը
պիտի
չըլլար։
Ու
Նալպանտենց
Սերոբին
մէջ
ատելութեան
պատուաստ
մը
միայն
ընդունակ
էր
ուռճանալու։
Ու
մայրը
գրգռեց
անոր
խորը
թաղուած
ատելութեան
բնատուր
կարասը։
Որո՞ւն
գաղտնիք՝
գերդաստանին
ախորժակները,
ժառանգական
մարզին
վրայ։
Բոլոր
կարեւոր
թաղերէն
հետզհետէ
նահանջած,
բայց
հողերուն
վրայ
ամրապէս
տեղաւորուած
ու
ի
վնաս
դրացիներու
մշտապէս
յափշտակող
Նալպանտենց
տղաքը
անընկճելի
սպասումով
մը
ամէն
օր,
հեղ
մը,
Սերոբին
ճողիլը
կը
բարբառէին
ու
«հունտէն
հիւանդ»
իրենց
ազգականին
կալուածները
զուարթ
լրբութեամբ
մը
ի
լուր
աշխարհի
կը
բաժնէին,
ո՛րը
տղուն,
ո՛րն
ալ
աղջկան
իբր
օժիտ
ու
սաչու։
Այսպէս
զրահուած
գիշակերներու
դէմ
Սերոբին
ատելութիւնը
պէտք
չունէր
դուրսէն
նպաստի։
Իր
կարգին,
չէր
կրնար
էմմիներուն,
անոնց
տղոցը
անունը
բերան
առնել,
առանց
թքնելու
եւ
հայհոյելու։
Մայրը
ճարտարօրէն
շահագործեց
անցեալն
ու
ներկան։
Ու
անոր
փաստերը
ընդունուեցան՝
թէ՝
իբր
նոր,
թէ՛
իբր
միակ
կարելի,
ընտանի
սեփական
մտածումներ,
ուրիշի
մը
մէջէն
կրկնաւոր։
Ու
դեռ
ուրիշ
մեծաշռինդ
դրուագներ,
որոնք
համրիչի
հատիկներու
պէս
իրարու
ետեւէ
կը
շարէր
մեծատաղանդ
պառաւը։
Նորութի՞ւնը
այս
ամէնուն
մէջ։
Կար։
Ու
հիմնական
ալ
էր։
–
Հիմա՛
որ
իրենց
տունին
ճակատագիրը
ելած
էր
մօր
ու
տղու
հասողութենէն
ու
ենթարկուած
օտարին
քմահաճոյքին
–
հարսն
ու
տան
ծառան
նոյն
գիծին
կը
բերէր
հաճի
Աննան
–,
անհրաժեշտ
էր
ըլլալ
աչալուրջ
շատ
աւելի,
քան
առաջ,
տիրել,
սանձահարել
դուրսը,
պառաւին
բառով՝
ալէմը։
Գեղի
տուները
քիթ
քիթի.
մարդերը՝
կուշտ
կուշտի.
արտերը՝
եզր
եզրի,
իրարմէ
կախուած
բոլորն
ալ
իրենց
խորագոյն
իրականութեանց
մէջ
իսկ։
Տանիքի
մը
տակ,
հեռուէն
գուշակուած
ուրուաձեւ
մը
միւսին
մէջ
մարմնով
անձ
մը
կը
դառնար։
Աղուորին
փորին
մէջ
զաւակ
մը
ինչպէ՞ս
պիտի
խուսէր
բամբասանքէն,
որ
օրէնք
է
ու
պաշտօնական՝
յապաղած
ծնունդներու
շուրջը։
Տարօրինակ՝
պառաւը։
Կը
դառնար
ու
կը
դառնար,
կը
հեռանար
ու
կը
կորսուէր,
բայց
կատուի
պէս
կ՚իյնար
չորս
ոտքերուն,
իր
հիմնական
հոգին
վրայ.
հոն
էր
ան
միշտ,
այսինքն՝
իր
օճախին
ժառանգին
հսկայ
առեղծ
ո
ւածին
վրայ,
փէշերը
տարածած՝
ինչպէս
առիւծ
մը
բաշերը։
Համոզե՞լ։
Բայց
զո՞վ։
Տասը
հարս
ալ
ունենար,
ընելիքը
տարբեր
պիտի
չըլլար։
Ու
զօրաւոր
էր
անմեղութեան
շատ
յստակ
լուսապսակով
մը։
Կը
հաւատար
արդարութեան,
մեղքին
ու
պատուհասին,
հատուցման
ու
քաւութեան
իր
գուբին,
ու
անհամար
իր
խերերուն։
Որո՞ւն
պարտէզէն
թել
մը
խոտ,
որո՞ւն
արտէն
հասկ
մը
ցորեն
խառնուած
էր
սա
կառոյցին
մէջ,
որ
գործն
էր
անոր
այրի
բազուկներուն։
Աստուած
գիտէր
իր
ընելիքը։
Ու
անոր
լքեց
իր
կործանումը
բառերու
այս
հոսանքին։
Բայց
խաղաղութիւնը
չդարձաւ
իրեն։
Կը
տառապէր
գուցէ
ոչ
իր
չունեցած
կնիկէն։
Հարցուց
ինքնիրեն։
Ու
գտաւ,
որ
կը
տառապէր
իր
կնոջը
մէջ
պոռնիկէն
աւելի,
ուժով
կենդանիէն,
ուրիշ
խօսքով՝
սեփական
անզօրութենէն։
Թափե՜լ
փողոց
ինչ
որ
տեղի
էր
ունեցեր
վերի
սենեակին
մէջ,
ինչ
որ
դեռ
թարմ
կատարուած
էր
քիչ
առաջ։
Իրաւացի
ու
խելացի՝
մայրը։
Մեր
դժբախտութեանց
մէջ
ամէնէն
խուսափելին
գայթակղութիւնն
է,
բայց
ամէնէն
ալ
անդարմանելին։
Թափուած
իւղն
է
մետաքսին
վրայ։
Զայն
գոնէ
չծաւալելու
մեր
ճարտարութիւնը,
երբեմն,
շատ
մը
առաքինութիւններ
միասին
կ՚արժէ։
Այս
պրիսմակէն՝
Սերոբին
կինը
առաջին
արժանաւոր
հարսը
չէ՞ր
գեղին։
…
Ի՜նչ
վատ
է
մտածման
մեքենան։
Ինչի
եկած
էր
ան
մօրը
մօտ։
Ու
իջած
էր
ո՜ւր։
Ջնջուած
էին
արդէն
ամօթին,
հպարտութեան
բոլոր
ասեղները
անոր
մա
ր
մինէն։
Ու
վատ
էր
դարձեալ,
այդ
ընկրկումին
ամբողջ
լեղին
չզգալու
համար
ուրիշներու
օրինակին
ապաստանելով։
Ու
ահա
սրբուած,
կիրքին
յետին
իսկ
խայթերէն,
ինչպէս
աղիք
մը
իւղէն։
-Ո՞ւր
է։
Զո՞վ
կը
հարցնէր
պառաւը։
Տղան
ետ
առնուեցաւ
իր
մտածումներու
բաւիղէն։
Չէր
հասկցած։
Կրկնել
տուաւ
հարցումը
ու
գիտէր
սակայն
պատասխանը։
Առանց
կարմրելու
հանեց
բառերը
բերնէն.
-Մօրը
տունը։
Կարճ
եղաւ
անիկա։
Կը
վարանէր
գիշերէն
եւ
լուսադէմէն
պատմել։
-Դո՞ւն
ղ
րկեցիր։
Հարցումը
կրկին
խռովեց
զայն։
Անոր
հոգին
կ՚ակօսուէր
ընդդիմամարտ
զգացումներէ,
թոյլ,
օտար,
նոր։
Անճշդելի
սարսափ
մը,
առաջին
գիծի,
որ
անհորիզոն
կեանքերուն
կը
վիճակուի,
երբ
շրջումը
գայ
գոյավիճակին։
Մարդիկ
կենդանիներուն
չափ
կենդանի
են,
երբ
իրենց
տունին
հոտին
կը
շտկին։
-Գէշ
բան,
շատ
գէշ
բան
ըրեր
ես։
Ան
գրեթէ
չլսեց
մօրը
բառերը։
Յեղաշրջումի,
քայքայումի
զգայութիւնները
ատեն
չէին
թողուր
մտածելու,
տրամադրուելու
ուրիշ
բանի։
Սենեակը
լուռ,
բայց
խռովակոծ։
Դուրսէն՝
կեանքին
սայլակը,
հեռու
ու
մօտ,
մտերիմ
ու
օտար,
սուտ
ու
իրաւ։
Դուրսէն
կեանքին
աղբիւրը,
մշտահոս
ու
պարզ։
Տղաք՝
ամէն
յարկէ,
դուռէ։
Լաց,
ծիծաղ,
աղմուկ
ու
հազ
ու
անէծք
ու
օրհնութիւն։
Ճիչ
ու
ժպիտ։
Ու
անոր
հոգին
մէջ
նոր
թուլութիւններ,
երազի
մը
կտաւէն
թել-թել
սողոսկուն
ու
թափող։
Ու
բաներ,
անշրջագիծ,
խենթ
ու
խելօք։
Ի՜նչ
արագ
էին
այս
նկարները։
…
Կրկներեւո՜յթը
յոյսին,
որ
լուսաւորեց
ով
գիտէ
ի՜նչ
տրտում
մեղքեր
անկէ
ներս։
Յանկարծ
սեւ
կմախք
մը։
Սողոմն
էր,
դաշոյնը
ձեռքը,
պարպուած
միսէն,
ծառայութենէն,
մարդկայինէն,
որ
կը
կոխկռտէր
անոր
հոգիին
արձակութիւնը։
Սարսափէն
աւելի
անհուն
ատելութիւն
մը
տաքցուց
զայն։
Հազիւ
պահիկ
մը
նկուն
մտապատկերէն՝
ան
կճրտեց
ակռաները
եւ
աղաց
անոնց
տակ
գալիքը,
որ
փայլակի
մը
պէս
ցաթեց
այդ
«շան
ծնունդ»ին
ստուերին
վրայ։
Գտաւ
ինքզինքը.
վատ՝
բայց
ամբողջ։
Հարցուցէք
դաւաճանի
մը,
թէ
ի՛նչ
գոյն
կ՚առնէ
իր
հոգիին,
երբ
կը
մատնէ։
Կնիկին
դէմ
անկարող
անոր
կիրքը՝
զայրագին
անձկութեամբ
մը
պիտի
կանգնէր
Սողոմին
դէմ։
Գոհ
էր
այսպէսով,
պատահարէն
գտած
ըլլալուն
հարկաւոր
միս՝
իր
ժանիքներուն։
Միջո՞ցը,
–
թեթեւ
քրտինք
մը,
վախո՞ւն,
թէ
նոր
ու
աղտոտ
մեղքին
հեռանկարէն։
Մայրը,
առանց
գիտնալու,
անընդհատ
կ՚աւրէր
այս
ներքին
ոստայնացումը։
-Կոչնակէն
առաջ
հո՛ս
ըլլայ
պիտի։
Հարսին
այս
կանչուած
պատկերը
կրկին
չգրգռեց
զինքը։
Ընդհակառակն,
տեսաւ
զայն,
հագուած
զատկուան
զգեստով,
փողոցներէն
հրաշքի
պէս
թռելով,
գեղեցիկ,
խռովիչ
ու
բախտաբեր։
Ինչո՞ւ
զայն
այդպէս
դուրսը
կը
տեսնէր։
Ինչո՞ւ
չտեսաւ
անկողինին
մէջ։
Սողոմին
ծոցին
մէջ։
Դարձա՜ծ
տուն։
Անոր
հոգիէն
հալած
ըլլային
ամօթին
այրուցքն
ու
վէրքը։
Գեղին
համար
ամէնէն
դժնդակ,
անպատուող
պատահարը
իր
տունին
վրայ՝
ան
զգաց,
որ
կը
հանդուրժէր։
Ու
կը
հանդուրժ
է
ր
յաղթական։
Վասնզի
անոր
ալքերուն
մէջ
տեղի
կ՚ունենար
նոր
գործունէութիւն։
Ան
յստակ
պարագրկեց
տրամը,
որ
կը
ծրագրուէր
հեռուներէն։
Սողոմին
պատուհասո՜ւմը։
Ժպտեցաւ։
Բայց
հայհոյեց
ալ
իր
գլուխին։
-Սըւոնք
կ՚ածիլիմ
էյէր
(եթէ)
անոր
քիթէն
չբերեմ։
Մատովը
կաչուլ
քիչ
մը
պեխ
էր
բռնած
ը
պինչէն։
Բայց
գրաւական
էր
ատիկա
արտաքին
աշխարհին
համար։
Մարդիկ
կան,
որոնք
գրչի
երկու
խաղով
կը
պարտուին
ու
թուղթին
վրայ
կը
պառկին։
Քանի՛
կեանքը
ծաւալի
մէկ
ծալքով
անոնց
ոտքին,
ա՛յնքան
այդ
մարդերը
ուրիշ
բան
չունին
քայլքին
գիծերէն
դուրս։
Մօտեցէք
գեղացի
միջին
մարդուն։
Պիտի
կարգուի,
հայր
պիտի
ըլլայ,
պիտի
աշխատի,
պիտի
ծերանայ
ու
պիտի
թաղուի։
Այս
գլխաւոր
հանգոյցներէ՞ն
դուրս։
Այո՛։
Ու
դժբախտաբար։
Այս
մէկը
պիտի
աշխատի,
բայց
նման
լարուած
զսպանակի
մը,
քառորդ
դար,
կէս
դար,
առանց
միջակէտի,
միշտ
աչքը
հողին,
ակռային
տակ՝
հացի
մը
փշրանքը,
ճիտին՝
բեռ
մը
զաւակ,
փորին՝
անկուշտ
կրիայ
մը։
Անոր
համար
պիտի
չգան
գարունն
ու
աշունը։
Անիկա
պիտի
չզատուի
ջրտուքի
անիւէն,
զոր
ճակատագիրը
լծած
էր
անոր
ուսերուն։
Ու
պիտի
դառնայ։
Հարցուցէք
իրեն,
երբ
ծունկերը
կոտրին
ու
իյնայ
ակօսին
վրայ,
–
ի՞նչ
հասկցար
աշխարհէն։
Իր
պատասխանը
մի
մօտեցնէք
ունայնութեան
քարոզին,
որ
կեղծ
է
ու
անիմաստ։
Ու
ասիկա
այսպէս՝
միւսներուն
համար։
Բայց
մարդերուն
մէջ
կան
Նալպանտենց
Սերոբներ
ու
ձեր
կարծածէն
ալ
շատ։
Անոնք
քանի
մը
խաւ
կեանքեր
կ՚ապրին
ու
պատմողը
չի
կրնար
սպառել
ատոնց
տեղագրութիւնը։
Դուք
գիտէք,
որ
դէմք
է
անիկա։
Բայց
լսեցէք
աւելին։
–
Պետական
լեզուն
կարդացող
ու
գրող
առաջին
մարդն
էր
անիկա։
Ու
ասիկա՝
ոչ
դէմի
մեծ
գեղէն
յառաջացած
պոլսական
կրթութեամբ
մարդու
մը
գիծէն։
Կը
խօսուէր
այդ
պատուական
հայուն
վրայ
հիացումով,
որ
գայմագամներուն
դաս
կու
տար
ու
կը
պաշտպանէր
ի
ր
գեղին
իրաւունքները,
գլուխը
վտանգող
յանդգնութեամբ
մը։
Նալպանտենց
Սերոբէն
գեղի
վարժապետին
գիծէն,
«Կիւլտեսթէ»
ն
գոց
սորված,
կը
գրէր
ընթացիկ
փոքր
գրութիւններ,
որոնք
իրեն
շահած
էին
համակրութիւնը
մռայլ
քեաթիպներու,
յիսնապետներու,
բանտապահներու
։
Այս
համակրութիւնը
կշիռ
ունէր,
վասնզի
ժամանակները
փափուկ
էին։
Հայկական
ջարդերը
կատարուած։
Թուրքերը,
մա՛նաւանդ
պաշտօնեաները,
սովորական
կաշառքին
տեղ,
որով
միայն
ընթացք
կու
տային
հայուն
խնդրանքներուն,
հաստատելու
վրայ
էին
նոր
կազմակերպութիւն։
Ասիկա
հաւատարիմ
հպատակներու
զտումը
եւ
դաւաճաններու
պատուհասումը
հետապնդող
ընդարձակ
մարմին
մըն
էր,
պաշտօնական
կողոպուտի
գերազանց
առիթ։
Յանձնաժողով
մը,
որ
քննութեան
կ՚ենթարկէր
հայ
գեղերու
ներքին
հոգին,
երիտասարդներուն
հակումները,
նախանցեալ
տարիներուն
յեղափոխականներուն
հետ
կապ
հաստատած
քահանաներն
ու
մուխթարները։
Կ՚ուսումնասիրէր
եկողն
ու
գացողը,
Հայաստանի
կողմերէն
պանդուխտ
մարդոց
վրայ
թաթ
կ՚երկնցնէր՝
եթէ
անոնք
գործի
մը
տէր
եղած
էին
արդէն։
Կը
հսկէր
վարժարաններուն,
ազգային
երգերուն,
եկեղեցական
արարողութեանց։
Յանձնաժողովը
հայ
սոթտելու,
փետտելու
այս
ազգային
պարտականութիւնը
կը
նուիրագործէր՝
հետզհետէ
դրացի
գեղերուն
թուրք
բնակչութիւնը
թունաւորելով։
Ու
բոլոր
այն
հարցերը,
որոնք
Ջարդերէն
առաջ
կառավարութեան
դիւաններուն
էին
ինկած
–
վիճելի
հողեր,
կալուածներ,
անտառներ,
արտեր,
բայց
հազարաւոր
արտավար
ամբողջ
հողամասեր,
որոնց
վրայ
թուրք
գաղթականներ
զետեղուած
էին
եւ
որոնց
տուրքը՝
զրկուած
նախատէրերը
հարկադրուած
էին
հատուցանել,
փայտի
համար
սահմաններ,
որոնք
գեղին
կ՚ուրանային
իր
բնական
բլուրները
եւ
թուրք
գեղերուն
հատանելի
անտառամասերը
անհունօրէն
կ՚աճեցնէին
–
ինքնաբերաբար
լուծուած
էին
ի
վնաս
հայ
գեղերուն։
Կառավարութիւնը
մասնաւորապէս
կը
շահագրգռուէր
զէնքի
հարցով։
Գրաւուած
էին
որսի
բոլոր
հրացանները։
Արգիլուած
էին
ատրճանակները։
Բայց
ի՛նչ
որ
անոր
մտահոգութեանց
ծայրակէտը
կը
մնար,
այն
երիտասարդութիւնն
էր,
որ
Ջարդերէն
առաջ
համբաւ
էր
շահած
նշանառութեամբ,
մաքսանենգութեամբ
ու
թուրք
գիւղերու
մէջ
ցոյց
բերած
քաջութեան
արարքներով։
Ասոնք
ջանացեր
էր
խորտակել,
զանազան
մեքենայութիւններով։
Հանած
էր
անոնց
դէմ
թուրք
գիւղերէն
խումբեր,
որոնք
հաւու
տարմի
մը
նման
տարտղնուած
էին
դեռ
ճակատի
չեկած,
մինակ
մեր
տղոցը
անուններէն։
Յետոյ
ջանացեր
էր
սիրաշահիլ։
Պաշտօններ
–
պահպանութեան
–
ու
աւազակներու
դէմ
զանոնք
վարժելու
ատեն
կռնակէն
սպաննելու
ծրագիրներ
մնացեր
էին
անարդիւն։
Այն
ատեն
անիկա
դիմած
էր
փոքր,
բայց
ապահով
եղանակին,
–
ներքեւ
ձեռաց
մարդեր
պահպանել,
որոնք
զինքը
տեղեակ
պահէին
գեղերուն
հոգիէն։
Ամէն
գիւղ
ունի
այս
խեղճ
արարածներէն,
ընդհանրապէս
քիչ
մը
խօսուն,
կարդացող,
փոքր
արտաքինով,
անկշիռ
ու
քիչ
մըն
ալ
հացկատակ,
որոնք
իրենց
տեղեկութիւնները
կը
ծախեն
շատ
աժան,
երբեմն
ձրի,
երբեմն
ալ
մղուած
խօսելու,
մեծ
խօսելու,
շատ
խօսելու
եղերական
պահանջէ,
որ
զանոնք
անհանգիստ
կ՚ընէ,
եւ
գաղտնիքի
մը
դէմ՝
շ
լմորուն
ու
անկարող։
Թուրքերն
յաջողութեամբ
կը
շահագործեն
այս
տարրերը։
Թուրքերը
դարձեալ
կը
գործածեն
միւսները,
խառնուածքով
ցած,
քսու,
նախանձոտ
ու
ծոյլ
տիպարները,
որոնք
մատնութիւնը
կ՚ընեն
հաշիւով,
ներքին
բխումով,
անգթօրէն
ու
ճարպիկ։
Դարերէ
ի
վեր
սողալու
վարժուած
այս
ժողովուրդին
մէջ
այս
գիծէ
մարդերու
առատութիւնը
գեղերուն
համար
աղէտ
է
հալածանքի
շրջաններուն։
Անոնք
ծածկուած
են
հանրութեան
նայ
ո
ւածքէն
իրենց
ոչնչութեամբը,
դրամովը,
կեղծաւորութեամբը։
Հասկցաք
անշուշտ,
թէ
ո՞վ
է
Նալպանտենց
Սերոբը։
Իր
անկողինէն
փախչող
մարդ՝
անիկա
սրճարանի
ձանձրոյթէն
ազատելու
համար
շաբաթը
հեղ
մը
գիւղէն
երեք
ժամ
հեռու
կառավարանիստ
գիւղաքաղաքը
կամ
նաւահանգիստը
կ՚իջնէր։
Գո՞րծ։
Դրամ
ունեցողին
համար
աւելորդ
է
հարցումը։
Անձնական
թէ
սիրայօժար
վերցուած
հանրային
գործեր
ճարտարութեամբ
կը
պարտկէին
այդ
այցելութեանց
թաքուն
երեսները։
Բայց
այդ
այցերուն
ընթացքին
անիկա
ժամերով
կը
խօսէր
իր
շրջանակին
մարդոց
հետ։
Տարօրինակ
կերպով
ինքզինքը
լաւ
ու
հաճ
կը
զգար
կառավարական
պալատին
թուղթ
ու
բորբոս
հոտող
ծակուծուկերուն
մէջ։
«Սերոբէ
էֆէնտի»
կ՚ըսէին
անոր
թթուած
տեղակալէն
մինչեւ
փառահեղ,
տարիքով
ու
մօրուօք
փառահեղ
աւելածուները։
Ու,
մա՛նաւանդ՝
ը
ն
տանի,
պապենական
բարեկամ
բանտապահը
–
դրացի
գեղէն
թուրք
մը,
որ
միշտ
սուրճով
կը
հիւրասիրէր,
կը
յիշէր
հաճի
Արթինին
ժամանակէն
գեղեցիկ
ու
արու
դրուագներ,
որոնք
ծերուկին
շատ
հին
յիշողութեան
մէջէն
կը
բուսնէին
թարմատի
ու
շնորհալի,
այնպէս՝
ինչպէս
աւանդուեր
էին
անոնք
իր
մանուկի
երեւակայութեան,
իր
հօրը
կողմէն,
ան
ալ
բարեկամ
թուրք
մը
հաճի
Արթինին։
Բանտապահը
անոր
կը
հրամցնէր
նաեւ
միշտ
մէկ-երկու
նոր
պատմութիւն,
նոր
ժամանած
բանտարկեալներու
վրայով։
Ու
Նալպանտենց
Սերոբին
համար,
այդ
դրուագումներէն
ետքը,
խորունկ
ու
հեշտալից
յուզում
էր
գառագեղին
փակցնել
իր
կանացի
դէմքը
եւ
երկարօրէն
դիտել
այդ
վայրագ
արարածները,
որոնք,
անտարբեր,
լիրբ,
կռնակնին
պատին,
կ՚երգէին,
կը
համբուրէին
երգին
աղջիկները,
կը
հայհոյէին
ու
դաշոյն
կը
բարտէին։
Ու
անոնց
երկաթապատ
պատեանին
իսկ
խորէն
դեռ
նայուածքը
չէր
ազատած
դաշոյններուն
սրութենէն
ու
կրակէն։
Թաքուն
զսպանա՞կը
զինքը
հոդ
գամող
հակումին։
Ան
իր
չունեցած
առնութեան,
ուժին,
սերմին,
անհուն
ժայթքը
կը
փնտռէր
այդ
գազաններէն
ներս,
որոնք
մեծ
մասով
կնիկի
խնդրով
ինկած
էին
հոդ
ու
արիւն,
մարդու
արիւն
թափած։
Ու
կալին
վրայ,
կամացուկ,
առանց
ատելութեան
թռցուցած
էին
իրենց
կիներուն
գլուխները
սուտ
կամ
իրաւ
կասկածի
վրայ։
Ան
ի՜նչ
մղձուկ
յուզումով
անիկա
կ՚ուսումնասիրէր
այդ
ճաղատ
ու
հանդարտ,
տարիքով
առաջաւոր
մարդերը,
որոնք
չէին
մասնակցեր
երգին
ու
աչքերնին
փակ
կ՚ապրէին։
Անկշտում
կը
նայէր
բոլորին
ալ։
Կը
պաղէր
ատոնց
մարմինին,
մա՛նաւանդ
աչքերուն,
արիւնէն
առնուած,
դեռ
երիտասարդութեան
առաջին
թարմութեամբ
ու
այսպէս
փառահեղ
կիրքերով
ծիրանաւոր։
Տեսարանին
յաճախանքը
կը
տեւէր
շատ,
մինչեւ
գեղ։
Ու
անոր
մտքէն
դժուար
կը
ջնջուէր
երկաթուած
այդ
անասուններուն
անասելի
սարսափը։
Ոչ
մէկ
հա՜յ,
ոճրագործներու
այդ
բաժինին
մէջ։
Ու
անիկա
զանց
կ՚ընէր
այցելել
բանտին
խորագոյն
նկուղը,
ուր
աղտի,
քակորի
եւ
ամոնեագի
կիզող
հոտին
մէջ
վրայէ
վրայ
կը
դիզուէին
իր
ազգակիցները,
բոլորն
ալ
կթուելու,
հարկի
կամ
յեղափոխական
հեքիաթը
ապրող
ցոյց
տալու
պատրուակով
հոն
ինկած։
Դէպի
մատնութիւն
անիկա
ըրած
էր
իր
առաջին
քայլերը,
խղճահար
ու
դառն
զիջումներ,
ուր
մղուած
էր
անիկա
առանց
պահանջի,
ինքնաբերաբար,
մղուած
գուցէ
կնիկի
իր
բամբասող
բնազդներէն։
Յետոյ
էր,
որ
նախախայրիքներուն
վրայ
փնտռուած
էր
թուրքերէն,
որոնք
իրմէ
կ՚առնէին,
անփոյթ
ու
անվճար,
իրենց
ուզածները,
ոչ
անշուշտ
յեղափոխականներուն
վրայով,
այլ
այն
տղոցը
վրայ,
որոնք
յայտնի
էին
թուրքերուն
դէմ
իրենց
մռայլ
ատելութեամբը։
Այն
աղաներուն
մասին,
որոնք
թուրքերու
հետ
լաւ
դրացնութեան
հեքիաթը
կը
հեգնէին
ու
կը
զգուշացնէին
ժողովուրդը
թուրքին
ծրագիրներէն։
Օտարականներ
պատսպարելու
հարցը
Սերոբին
նախասիրած
գետինն
էր։
Կ՚ամբաստանէր
իր
թշնամիները
–
ո՞վ
թշնամի
չէ
իրեն,
այսինքն՝
ինք
որո՞ւն
է
բարեկամեցող
–,
հօրը
կողմէն
ամբողջ
Նալպանտենց
գ
ե
րդաստանը՝
իրմէն
փոխ
դրամ
առած
ու
վճարելու
անկարող
մնացած
թշուառները։
Բայց
մա՛նաւանդ
գեղին
քաջերը,
որոնց
հանդէպ
իր
ատելութիւնը
դուրս
էր
բնականին
սահմանէն։
Յեղափոխակա՞ն։
Չէին
ատ
տղաքը։
Բայց
կային,
որ
գող
էին,
ու
դուք
գիտէք,
թէ
ո՛ւր
կը
մտնէին
եւ
ինչո՛ւ։
Իր
կնիկէն
զգացած
վախին
մէջ
այս
կարելիութիւնն
ալ
կը
միջամտէր։
Ու
մանրամասն
կը
զեկուցանէր
իւրաքանչիւր
տղու
շաբաթական
գործառնութիւնը,
որսերը,
փախցուցած
ծխախոտի
բեռները,
զարկած
նշանները,
պարպած
տամէճանները։
Յետոյ
կը
վիճաբանէր
անոնց
հաւանական
ծրագիրներուն
մասին,
յիսնապետին,
միւսթանթիգին
եւ
ժանտարմըրիի
հարիւրապետին
հետ։
Ու
կարծիքը
կշիռ
ունէր։
Իր
այս
ծառայութեանց
փոխարէն՝
կառավարութիւնը
երբեմն
կը
վարձատրէր
`
ի
նպաստ
գեղին
լուծելով
Նալպանտենց
Սերոբին
միջոցով
կատարուած
դիմումները։
Պարտքի,
պետական
հարկի
եւ
ուրիշ
մանր-մունր
բաներու
համար
տարապարտ
բանտարկ
ո
ւածները
կ՚արձակուէին
ու
կ՚օրհնէին
Սերոբէ
աղան։
Այսպէսով
էր,
որ
ճղճիմ,
գաճաճի
մօտ
իր
հասակովը,
անսերմ
իր
ողնուղեղովը,
անկրակ
իր
սիրտովը
պաղ
այդ
զ
աւակը
կը
քշուէր
դէպի
աստիճանները
գեղին
մեծաւորներուն։
Ոչ
ոք
մտքէն
կ՚անցնէր
կասկածիլ
անոր
մէջ
ս
տոր
մատնութիւնը։
Թուրքերը
դեռ
նոր
կը
սկսէին
իրենց
ապագայ
ցանցին,
որ
Համիտի
վարչութեան
հսկայ
մեքենան
պիտի
ըլլար,
Պոլսէն
դուրս։
Նալպանտենց
Սերոբը
բարձրաձայն
կրկնեց
իր
սպառնալիքը.
-Սըւոնք
կ՚ածիլիմ՝
էյէր
անոր
քիթէն-պինչէն
չբերեմ։
Մատովը
նոյն
կաչուլ
պեխն
էր
բռնածը։
Թուքով,
անկանգնելի
կարծուող
կործանումով
սկսած
այս
ճակատումը
ժամէն
քիչ
միջոցի
մէջ
կը
վերածուէր
թոյլ
ու
բնական
հաշտութեան
մը։
Ո՞վ՝
յաղթականը։
Ի՞նչ
հարկ
այս
ճշդումին։
Ուշագրաւ
էր,
որ
բուռն
տագնապին
ամբողջ
տեւողութեանը
երկու
կողմն
ալ
զգուշաւոր
եղան
մօտենալու
Նալպանտենց
հարսին։
Ան՝
վերապահ
ու
կարծես
ներողամիտ
հաւանութեանը
կ՚արժանանար
մօր
ու
տղու
այս
պայքարին
մէջ։
Մայրը
եղաւ
ճարտար,
հեռուէն,
հեռուներէն
պտըտող,
ու
եթէ
չպաշտպանեց՝
գոնէ՛
չտապալեց
ալ
իր
հարսը։
Ասիկա
աղաղակող
նորութիւնն
էր
տագնապին։
Կեսուրները
պարտաւոր
էին,
երդուած
էին
տասնապատկելու
իրենց
հարսներուն
ամէն
արարքներուն
իմաստը,
եթէ
անոնք
ծուռ
մեկնութեան
մը
ընդունակ
ներկայանային։
Հասարակաց
այս
ճշմարտութիւնը
տիրական
էր
ու
անդիմամարտ։
Պառաւը
չհանեց
բերնէն
ոչ
մէկ
բառ,
որ
կասկածի
տակ
ձգէր
հարսին
հակումները,
որոնք
գուշակել,
գտնել,
ոսկ
ե
զօծել
ու
իբր
իրողութիւն
ներկայացնելը
սուտ
խօսելէն
աւելի
դիւրին
բան
էր
անոր
համար։
Մունջ
եղաւ
դարձեալ
էրկանը
սենեակէն
անոր
փախուստին
բուն
շարժառիթէն
եւ
ուս
թօթուեց
վճռական
միւս
յայտարարութեանց
դէմ,
որոնք
տղուն
բերնէն
կը
թափէին
գետին։
Բայց
ան
պարկեշտօրէն
վրան
առաւ
ձեռնարկին
–
կատարուածին
–
ամբողջ
բեռը.
հնարեց
չեղած
մանրամասնութիւններ,
որոնք
հարսին
դէմքը
կը
լուսաւորէին
ու
ըսաւ
սուտեր,
բոլոր
էրիկներուն
այնքան
անհրաժեշտ,
երբ
նման
կրակի
մը
տակ
տապլտկին։
Ան
փրկեց
իր
հարսը։
Հաշի՞ւ՝
այս
ձեռնածութիւնը։
Էականը
ձեւէն
դուրս
էր
սակայն։
Այդ
պահուն
պառաւին
համար
կացութեան
լուծումը
Աղուորին
արգանդն
էր,
ուրկէ
կը
սպասուէր
գերագոյն
պատգամը,
ա՜ն՝
որ
պիտի
վճռէր
բախտը
Նալպանտենց
կալուածներուն,
տունին,
անունին
ու
ապագային։
Ի՜նչ
դիւրաբեկ,
դժուար
վստահուելիք
գրաւական։
Հարսէն
մազի
թել
անգամ
շարժելու
ատեն
չէր։
Ու
պառաւը
կը
ներկայացնէր
դարաւոր
իրաւունք
եւ
արդարութիւն։
Ինչո՞ւ
Սերոբը
ընդունեց
ու
քաջալերեց
մտածման
այս
դրութիւնը։
–
Գեղի
գործերուն
խառնուելէն
ասդին
անիկա
քիչ-քիչ
փորձառութիւն
էր
ստացած
կիներու
ուժէն։
Եթէ
բանտերը
հեռանկար
մը
մնային,
բայց
հազարներուն,
տասը
հազարներուն
մէջէն
հազիւ
քանի
մը
հատ
իրենց
գլուխը
տալու
չափ
առաջ
կ՚երթային։
Միւսնե՞րը։
Այսինքն՝
հարիւր
հազարները։
Անոնք
կը
տիրէին։
Ու
այրերը՝
շրջուած
գերիները
անոնց։
Պէտք
է
ակնածիլ
այդ
ուժէն։
Որքան
քիչ
կոտրուի
գինիին
փարչը,
այնքան
շատ
կը
շա
հ
ի
գինեպանը։
Յետոյ,
փառք
Աստըծո՜յ։
Դեռ
ոչինչ
կար
խռովիչ։
Պառաւը
հեռու
էր
վախնալէ
իրերուն
ստացած
վիճակէն։
Հարսը
իր
«հունին»
բերելը
Տիրոջը
օգնութեամբը,
օրուան
մը
հարց
էր։
Մենաւոր
մանիշակին
պէս
իր
տունկէն
դեռ
աչք
իսկ
չվերցուցած
Աղուորէն
ըմբռ
ն
ելի
չէր
ընդունիլ
ու
գտնել
«տունէ,
տեղէ»
հեռի
այն
ծաղիկները,
որոնք
Աստուծոյ
գերագոյն
պատուհասը
կը
մարմնաւորեն
ու
հողի
հաւասար
կ՚ընեն
բարգաւաճ,
շէն
գերդաստաններ։
Տէրը,
որ
միշտ
ալ
հասեր
էր
իր
նեղ
օրերուն,
պիտի
չմոռնար
իր
աղախինը,
մա՛նաւանդ
անոր
անզուգական
գուբը։
Մնաց
որ,
որո՞ւն
հարսը
–
լեզուի
ինկածներէն
–
յղութեան
սրբագրումէն
անմիջապէս
յետոյ,
դանակի
պէս
չէր
կտրած
ու
նետած
մէկդի
գայթակղութեան
կեղը,
ու
մտած
տունն
ի
վեր
հարսնուկի
իր
պատմուճանին
մէջ։
Կը
մտածէր։
Ու
քանի՛
կը
մտածէր,
ա՛յնքան
իր
դերը
ընդարձակ
կը
տեսնէր։
Ու
իր
դերը՝
մա՛նաւանդ
սանձահարելու
գայթակղութիւնը,
որ
գեղերուն
մէջ
գրեթէ
միշտ
աղէտաւոր
նկարագիր
կը
հագնի
շատ
արագ։
Քիչ
ու
փոքր
փողոցները
կը
յորդին
պատահարով։
Անխուսափելի,
հրապարակային
կռիւ
մը
զայն
կը
ցրուէ,
կը
հասցնէ
մինչեւ
խորագոյն
նկուղները
տուներուն։
Ծերերն
ու
հաշմանդամները
ականջով
մաս
կ՚առնեն
ցանուածէն։
Կոյրերն
ու
նոյնիսկ
խուլերը
կը
հաղորդուին
անոր
խռովքին։
Մատ
մը
տղաք
անգամ
համ
կը
ճարեն
իրենց
պզտիկ
պատմութիւններուն,
կրկնելով
տեսարանին
մեծ
շարժումները,
դերակատարներուն
ձեւերն
ու
հայհոյութիւնները։
Ցնդական
թոյնն
է
անիկա,
որուն
յաղթահարումին
համար
հաճի
Աննային
կտաւէն
տիկերն
իսկ
քիչ
կու
գան
յաճախ։
Ու
ատիկա
կը
զգար
փառաւոր
պառաւը։
Հաւատքով
հաւաքեց
ինքզինքը։
Հակառակ
հիւանդութեան
գրեթէ
մահացու
նկարագրին՝
անիկա
հեռու
էր
ցաւէն
ու
բեկումէն։
Ոտքի
ելլելու
փորձին
մէջ
միայն
զգաց,
որ
ուժերը
անբաւական
էին։
Իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
հարսը
արդէն
տուն
կը
դառնար։
Սողո՞մը։
Բայց
«հոտած»,
«անօթի»,
«աւուր
հացի
կարօտ»
այդ
տղուն
համար
շատ
կանուխ
էր
մտահոգուիլ
(պառաւը
չնեղուեցաւ
իր
սուտէն,
թերեւս
անոր
համար,
որ
բոլոր
այս
պատահմունքներուն
մէջ
միակ
երկիւղալին
խենթութիւնն
էր
Սողոմին,
արիւնին
ջերմութիւնը,
որուն
հուրքը
բռներ
էր
տունը
հիմերէն
մինչեւ
կատարը)։
Զայն
«թռցնել
զառիվարէ
մը»,
ինչպէս
կ՚որակուէին
հասարակ,
բայց
արդիւնքին
մէջ
ապահով,
անվրէպ
թակարդումները,
առաջին
պարտքը
կը
մնար
պառաւին,
Աստուծոյ
եւ
մարդոց
առջեւ։
Քիչ
մը
խոստում։
Շատ
լոլոզում։
Պողով
անուշ
բառ։
Մէկ-երկու
ոսկի։
Հակառակ
պարագայի՞ն։
Մայրը
շշնջեց
ինչ
որ
տղան
կը
մտածէր,
բայց
կը
վարանէր
բանաձեւելէ.
-Ողջ
ըլլան
հիւքիւմէ
թ
ին
աղաները։
Թուրքերուն
ձեռքով
Սողոմէն
թեթեւնալու
այս
յստակ
ակնարկութիւնը
տարօրինակ
կերպով
սեւ
կ՚ընէր
խղճմտանքը
պառաւին։
Ոչ
ոք,
Նալպանտենց
հաճի
Աննայէն
դուրս,
մտքով
իսկ
պիտի
համարձակէր
մօտենալ
նման
մեղքի
մը,
յիսունէն
վեր
պառաւներու
շրջանակէն։
Այսպէս,
շատ
հզօր
ոխի
մը
կուպրին
մէջ
կ՚ամրապնդուէր
այս
տարօրինակ
հաշտութիւնը,
սեւ
ու
դժպհի
այս
կռիւէն
ետքը։
Սողոմին
գլխուն
պառաւը
դեռ
ունէր
խաղալիք
ուրիշ
չուաններ,
աւելի
մռայլ
հէնքերով։
Նալպանտենց
պառաւը
կը
յայտնուէր
հզօր,
աննահանջ,
վճռական,
ոչ
մէկ
խայթէ,
ոչ
մէկ
քայլէ
ընկրկող
անձնաւորութիւն։
Ի՜նք՝
որ
տարիներով
տավի
(դատ)
էր
քշած
ոհմակ
մը
անօթիներու
դէմ։
Ի՜նք՝
որ
«փապուճը
թէրս
էր
հագցուցեր»
կարդացուկներուն
ու
քեաթիպներուն։
Այդ
վայրկեանին
անոր
մէջ
սկիզբ
կ՚առնէր
հոգիի
այն
սեւախտը,
որուն
թոյնին
տակ
անիկա
ընդունակ
պիտի
ըլլար
ծոցի
հարցէ
մը
շատ
վեր
ուրիշ
կառուցումի։
Բայց
ատիկա
աւելի
ուշ։
Հիմա,
խաղաղ
ու
լուսաւոր,
Նալպանտենց
խղճմտանքը,
մօր
ու
տղու
վրայէն,
մտաւ
իր
պատեանին։
Սերոբէ
էֆէնտին
կը
ժպտէր
վերջապէս,
երբ
կնճռոտ
հարց
մը
շտկրտելէ
ետքը,
ծերերուն
սրճարանը
թէյ
մը
կ՚ապսպրէր՝
մռլտալով
շարականի
կտոր
մը։
Պաղ,
դաւաճան
այդ
ժպիտը,
որ
կը
տգեղնայ
որձեւէգ
դէմքի
մը
վրայ։
Յետոյ՝
առանց
նեղուելու
մէջտեղ
դրին
յղութեան
ցանկալի
հարցը,
որ
իր
արարողական
եւ
նիւթական
կողմերով
միայն
կը
շահագրգռէր
դաշնակից
զոյգը
եւ
կորսնցուցած
կը
թուէր
իրեն
կապուած
եղերական
դրուագումին
ամօթն
ու
սարսափը։
Ի՜նչ
դիւային,
տխուր
խաղաղութիւն
էր
ան,
որով
վարշամակուած
էր
Սերոբ
աղան…։
Առաջ
Աստուած,
ատ
օրն
ալ
չէր
ուշանար։
Ուրկէ՞
եւ
ինչո՞ւ
այս
վստահութիւնը։
Ու
անոր
աչքին
դէմ
բռնուեցան
կրկին
այն
պատկերները,
որոնք
ատենին
գործածուած
էին,
հարսին
բերնովը,
անշուշտ
պառաւին
ուղեղէն։
Նոյն
օրինակները,
անունները,
թուականները,
տուները։
Երբեմն
պատրանքը
փնտռեցինք,
դադրած
անոր
հաւատալէ։
Ան
երեւակայեց
ինքզինքը
ազատուած
սեւ
այս
պուկ
ի
էն։
Տէ՞րը,
այսինքն՝
իր
յաջորդութեանը
մէջ
իր
բոլոր
ունեցածին։
Հա՞յրը՝
մանչու
մը։
Հոս
իր
դէմքը
առաւ
գարշագին,
խղճալի
կնիք
մը։
Մաշած
չէր
խղճմտանքը
ատ
անկիւնէն…։
Էրի՞կը՝
գեղին
աղուոր
կնիկներէն
մէկուն։
Երջանի՞կ,
գրեթէ,
եթէ
շատ
պահանջկոտ
չըլլանք
ու
վէպի
պէս
չնայինք
կեանքին
վրայ։
Այցելեց
յիմարութիւնը
կնոջը
հետ
բախումին։
Բայց
ողջ
ըլլար
մայրը։
Մա՛նաւանդ
երկու
շ
արոց
ոսկին։
Նոր
չէր
սորվեր,
թէ
կիները
որքա՛ն
տկար
են
դեղին
այդ
էակին
առջեւ։
Բայց
օրը
օր
է
վերջապէս։
Եկան
դրացիները,
գիշերուան
պատահածներէն
աստիճան
մը
աւելի
հետաքրքիր,
հարցուցին
ու
փնտռեցին
հարսը։
Ծունկ
դրին
անկողինին
մօտ
ու
չհաւատացին
ցաւին
լրջութեան։
Ամէն
ինչ
դարաւոր
ու
անխախտ
փորձառութեանց
հետ
կապուած
է
գեղացիին
մէջ,
ամէնէն
շատը
հիւանդութիւնն
ու
մահը։
Կիները
մշտապէս
ներկայ
ամէն
ծանր
պառկողի
հոգեվարքին,
անոնք
բժիշկի
մը
չափ
ստոյգ
կը
ճանչնան
դասական
ու
մեծ
ախտերը
եւ
վճիռ
ունին,
գրեթէ
անվրէպ։
Մխիթարեցին
հաճի
Աննան,
որուն
շունչը
հազիւ
ազդուած
կը
գտնէին,
մտահոգուելու
համար
«սրտի
ցաւ»էն։
Եկան
աղջիկները,
թոռները,
գործ
տեսան,
ապուր
եփեցին,
խօսեցան,
խաղացին
ու
գացին։
Հարսը
միշտ
կ
ը
պակսէր։
Աչքի
դարձաւ
անոր
բացակայութիւնը
շատ
կանուխ։
Կեսուրը,
բազմահնար,
ճարեց
առաջին
սուտը
`
գիշերուան
աքաղաղի
պէս
անոր
պոռալը
շահագործելով։
Ան
ալ
անհանգիստ
էր
ու
ղ
րկուած
մէրանցը։
Մինչեւ
օրուան
կէսերը,
հարիւրով
ըսուելու
չափ
շատ
այցելութիւններով
ընդմիջուած
ու
միշտ
ալ
վերաշինուող
այդ
խորհրդակցութիւնը
մօր
ու
տղու՝
կը
լուծէր
բոլոր
վիճելի
հարցերը։
Տարօրինակ
չէ՞ր,
որ
սրբէր
մեղքը,
իր
անծածկելի,
ստոյգ
արատովը,
սրբագրէր
մա՛նաւանդ
հարսին
արգանդը,
արդարացնէր
ձեռնարկը
եւ
յանձնէր
Աստուծոյ
նկատառումին
ընդարձակ
զոհողութի՛ւնը,
որուն
կ՚ենթարկուէր
պատիւը
ընտանիքին։
Այս
կսկծագին
բզկտումը
կը
տաղաւարուէր
յոյսով,
անոր
խորհուրդով,
որ
կը
տպաւորէր
մայրը։
Նոյն
այդ
խօսակցութիւնը
տուն
կը
վերադարձնէր
հարսը,
առանց
որ
գ
ուգուկն
անգամ
հոտ
առնէր
պատահածէն։
Ու
վստահ
էին,
–
հարստութիւն,
գերդաստանին
վարկը,
Սարեկենց
խեղճութիւնը,
էֆէնտիութիւնը
փաստեր
էին,
որոնք
լաւատես
ըլլալու
մղէին
զիրենք։
Անոնք
տակաւին
ծանրացան
ուրիշ
մանրամասնութեանց
ալ
վրայ,
հետզհետէ
աւելի
բնակա
ն
թուացող
վիճարկութիւններով,
–
յղութեան
հաղորդագրումը,
հանրութեան
մատուցումը։
Մատաղ։
Մեծադղորդ
պատարագ։
Այս
անգամ
պիտի
կանխուէր
կարգը
չսպասելով
հօրը
պէս։
Սողոմին
ագիին
տակ
պաղլեղ։
Ի
պահանջել
հարկին՝
«կա
շ
ին
խոտ
լեցնել»։
Այս
ամէնը
հաստատ
ու
մեծ
գիծերու
մէջ։
Ուշագրաւ
էր,
որ
բոլոր
այս
հեռանկար
ծրագիրները
իրենց
պարզ
ու
դիւրին
երեսը
միայն
մատչելի
ընէին
անոնց։
Այսպէս,
մտքերնուն
չանցուցին
երբեք
յամառութիւն,
դիմադրութիւն
Աղուորին
կողմէ։
Նոյնպէս
գայթակղութեան
տարածում
մը
Սարեկենց,
Սողոմենց
սեմերէն։
Կեանքը
կեանք
է
վերջապէս։
Զայն
պէտք
է
ապրիլ,
կ՚ապրին
եւ
ոչ
թէ
արիւն
ու
կրակի
կը
մղեն։
Ասիկա
մտածումն
է
մեր
ամէնուն։
Վէպը,
արկածը,
ոճիրը
հեռու
եղանք
միշտ
մեր
հաշուոյն
ընդունելէ։
Ու
եթէ
եկան
անոնք
երբեմն
մեր
օրերուն
վրայ,
եկան
երազի
մը
պէս,
որուն
չենք
սպասեր։
Չայցելեց
անոնց
խռովքին՝
նոր
յիմարութիւն
մը
Սողոմէն,
վասնզի
մտովի
անոր
հանդէպ
ծրագրուածը
այնքան
արմատական
էր,
որ
տղան
արդէն
անգիտացած
կը
նկատուէր
իրենց
ճամբաներէն։
Այս
վստահութիւնը
կ՚ազդէր
գործէն
ալ
առաջ։
Ասիկա
կը
դիտուի,
երբ
մեր
ցանկութիւնները
իրենց
ուժը
կը
չափեն
իրենցմէ
եւ
կ
՚
ա
ն
գիտեն
շրջապատը,
ուր
ուղղուած
են։
Շատ
զօրաւոր
զգացում
մը
մեզ
կոյր
կ՚ընէ
նոյնիսկ
մեր
ընդունակութեանց,
տարողութեանց
վրայ։
Եթէ
դէպի
հերոսութիւն
աս
է
ճամբան,
բայց
դէպի
հիմնայատակ
կործանում
ուրիշ
ալ
չէ։
Չորս
աչքով
պիտի
հսկէին
շաբաթին
վրայ։
Յղութեան
ստուգութիւնը
մեկնակէտը
պիտի
դառնար
նոր
կարգադրութիւններու։
Երբ
սրճարան
մեկնելու
համար
զատուեցաւ
մօրմէն՝
անիկա
մտած
էր
լաւագոյն
օրերու
տրամադրութեան
մէջ,
էրիկմարդու
պատեանին
մէջ
ու
գէր
պուկը
ուռեցնելով,
հազացած
ատեն
ոտքին
տակ
տախտակները
կը
ճուացընէր։
Ու
գոհ
էր
ատկէ։
Պառաւը
առանց
ոտքի
կարենալ
ըլլալու,
ծալած
էր
անկողինը,
թոռնիկը
վազցուցած
խնամի
Սարեկին,
տեղաւորած
սենեակը,
գրեթէ
նստուկ,
մէկ
ձեռքովը
հեռուէն
սիրտը
հսկելով։
Եկաւ
խնամի
Բաբէթը
`
մռութը
կախ,
«պէթը
պէնզը»
թռած,
ակռաներէն
կափկափուն,
ձեռուըներով
ծունկերը
ծեծելէն։
Վաւերական
մեռելի
մը
դէմ
արտայայտութիւնը
շատ
տարբեր
պիտի
չըլլար։
Ինքզինքը
ամիսներէ
ի
վեր
մտապատկերած
սա
վիճակին
մէջ
զետեղելով՝
կարծես
սնափառութիւնը
ունէր
իր
խելքն
ու
հոտառութիւնը
հաստատելու։
Այս
յուզումը
չազդուեցաւ
հաճի
Աննային
խիստ
լուացքէն,
որ
հակադիր
բեւեռէ
մը
անյատակ
լաւատեսութիւն
կը
բերէր
ու
սուտ
կը
հնչէր։
Աւելի՛ն.
անոր
սարսափը
աստիճան
մըն
ալ
կը
խորանար
այն
չեղածով,
«գալիքով»,
որ
պսակումը
կ՚ըլլար
այս
ամէնուն։
Ի՞նչ։
Որոշ
չէր
գիտեր։
Բայց
համոզուած
էր
անոր
գալուն։
Լացաւ,
հեղձամղձուկ,
ամօթահար,
ճակատագրական
այն
լացը,
որ
հարուստն
ու
աղքատը
մէկ
կ՚ընէ
կեանքին
կարգ
մը
ժամերուն։
Չտուաւ
հարցում,
բարձր
աչք։
Չուզեց
բացատրութիւն,
լոյս,
փաստ,
խրատ,
որոշում։
«Կործանո՛ւմ»։
Միջամտեց
հաճի
Աննան։
Ան
ոչինչ
սրբագրեց։
Բայց
դատեց
կացութիւնը
իր
կշիռովը։
Յիմարութիւն
չէ՞ր
այդպէս
փէշերը
բաց,
ջահով
ու
աղմուկով
վազել
վտանգին
դէմ։
Ի՛նչ
շահ
արցունքէն,
ծունկ
ծեծելէն։
Ի՞նչ
էր
վտանգուածը
մինչեւ
սա
րոպէին։
Ո՞վ
ունէր
լուր
եւ
ի՞նչ
բանէ։
Առաւ
վրան
ձեռնարկին
ամբողջ
բեռը։
Իր
աղջիկին
գործն
էր
ազատել
մայրը
ամօթէն։
Այս
խաղաղութիւնը,
լաւատեսութիւնը,
արդիւնք
մօր
ու
տղու
երկարատեւ
խորհրդակցութեան,
իմաստալից
էին
Սարեկ
խնամիին
համար,
որ
դատումին
այս
ձեւէն
զգաց,
որ
հաճի
Աննան
քիչ
գիտէր։
Այն
ատեն,
չունեցած
խելքովը
ան
դատեց
նորէն
Նալպանտենց
տունին
տրամադրութիւնը
իր
աղջկան
հանդէպ։
Իր
ս
ե
մէն
ելած
ատեն՝
անիկա
խորհած
էր
շատ
մը
կարկուտներու,
բայց
երբեք
աղջկանը
հոգիին,
որ
էրիկին,
ոսկիին,
հանգիստին,
եղին
ու
մեղրին
հոմանիշ
է
միշտ։
Անիկա
գրաւուած
էր
ուրիշներուն
ըսելիքովը,
ուրիշներէն
լսելիքովը,
–
գայթակղութեան
ուրուականէն,
որուն
սանձազերծումին
մէջ
անոր
պարկեշտ
բնաւորութիւնը
չէր
կրցած
հերքել
իր
բաժինը։
Ու
տեսած
էր
աղջիկը,
գեղին
ծամոց,
բոզերու
գիծին,
դարձուած
մէրանցը
տունին,
այսինքն՝
ողջ
գերեզմանումին,
ամօթի
այն
անողոք
թելաւորումին
(քողաւորում),
որ
պզտիկ
միջավայրերու
հզօրագոյն
պատուհասն
է
դէմ
հանող
ամէն
շեղումի։
Բայց
զգուշացաւ
այդ
ամէնէն
ոչինչ
խօսելէ։
Չխօսեցաւ
կրկին
Աղուորին
ալ
վրայ։
Ինքզինքը
հաւաքած՝
ան
լսեց
ուշադիր
ու
հլու,
հաճի
Աննային
բոլոր
թելադրութիւնները,
անոնց
ներքին
խանդը
դիմաւորեց
հաճոյքով։
Աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
զգաց,
թէ
այսքան
մռայլ
ու
դժնդակ
պատգամախօսութեան
ընթացքին
որքա՛ն
աղքատ
կ՚իյնար
ինք
բռնուած
մօտիկը
ամենազօր
խնամիին։
Ի՜նչ
չ
նչին
էր
իր
կամքը՝
եղելութիւնները
վարելու
ու
«գործ»
մը
կարգադրելու
ճամբուն
մէջ։
Մեծցաւ
հաճի
Աննան,
հաճի
խնամին,
որ
կը
բաւէր,
կրնար
բաւել
ամբողջ
գեղին,
եթէ
պէտք
ըլլար
դրացի
գեղերուն,
նոյնիսկ
մեծ
քաղաքին։
Սրտապնդուած,
կազդուրուած
իջաւ
վար,
տուն,
խոստանալով
Հայր
մեր
ի
մը
ղրկել
Աղուորը։
Մօր
ու
աղջկան
ճակատումը
եղաւ
նոյնքան
դառնակսկիծ։
Զարհուրանքը
փուշ-փուշ
ըրաւ
Սարեկին
մազերը,
երբ
անոր
աղջիկը,
առաջին
իսկ
բառերէն,
յայտարարեց՝
ամբարիշտ
ու
հաստատ.
-Ամէն
մարդ
թող
խառնուի
իր
անկողինին…
Փողոցի
վրայ
թշնամիին
գլխուն
կործուած
աման
մը
նախատինքի
պէս
լիրբ
ու
վճռական
էր
շեշտը։
«Գառնուկ»
Աղուորը
մեռած
էր
ընդմիշտ
ու
տեղը
կ՚անցնէր
հզօր,
իր
ուժին,
գեղեցկութեան,
երիտասարդութեան
գիտակից
կինը։
Ա՛ն՝
որ
գեղերուն
մէջ
հազուադէպ
ըլլալուն
պատճառով
եղերական
կը
դառնայ։
Մայրը
անծանօթ
մնացած
էր
այս
փոփոխումին։
Ան
չէր
գիտեր,
թէ
Նալպանտենց
հարսին
մէջէն
կը
խօսէր
Նալպանտենց
հաճի
Աննան
`
երիտասարդ
ու
վճռական։
Իր
առջեւի
ամբարտաւան
կինը
արարածն
էր
հինգ
տարիներու
հսկողութեան,
քարոզին,
զրկանքին…
ու
սրբազան
շաբթուան
մը։
Պարապ
տեղը
չէ,
որ
անոր
շրթները
անընդհատ
փսփսացած
էին
նշանաւոր
նախադասութիւնը՝
-Ի՞նչ
ընեմ
ես
ալն
ու
ադլասը։
Ի՞նչ
ընէր
ան
քիրմանի
շալը,
ինչպէս
կ՚ըսէր
սուզուած
երգէն
վերապրող
այս
փշուր
պատկերը,
որ
առածի
կարգ
էր
անցեր։
Իր
ուզածը։
Բայց
ինքը
գիտէր։
Ուրիշներ…
-Տասը
փարային
գլոխն
է
ամէն
բան…
Հզօր
ու
սարսափելի
սպառնալի՜քը։
Տասնհինգ
օր
չկար,
որ
թաղած
էին
Փէհլիվանենց
հարսը
`
գեղին
ամէնէն
քնքուշ
ու
գառնուկ
հարսներէն։
Տասը
փարայի
մկնդեղով
վերջ
տուած
էր
կեանքին,
երբ
ստիպեր
էին
զինքը
վերադառնալ
մէրանցը։
Ու
անոնց
կռիւը
հարս
ու
կեսուրի
կռիւ
էր,
այսինքն՝
ընթացիկ,
պարզ,
գրեթէ
բնական
կռիւ
մը։
Թնդաց
գեղը։
Լացին
բոլորը,
մա՛նաւանդ
երիտասարդ
հարսները։
Շաբաթ
մը
ամբողջ
սուգ
ու
շիւան
յորդեցան
գերեզմանէն։
-Տէ՜ր,
դուն
ողորմէ…
Հազիւ
կրցաւ
շշնջել
շանթահարուած
Սարեկը։
Անոր
այնպէս
եկաւ,
որ
աղջիկն
ալ
պառկած
էր
առջին,
կապուտցած
շրթներով,
բզիկ-բզիկ
եկած
միսերուն
խորունկէն,
որոնք
անոր
դէմքը
ըրած
էին
կրակի
վրայ
բռնուած
ու
փոթաւոր
կաշիի
կտոր։
Մազերուն
դեղնութեան
հետ
կազմելով
սրտառուչ
հակապատկեր,
ուր
ապաստանած
էր
անոր
շնորհը,
դեռ
խօսքի
նիւթ
թաղումէն
ետքը։
Դարձաւ
քանի
մը
անգամ
կրունկին
վրայ,
դասական
շուարումին
իսկ
անկարող,
իբր
թէ
փախցնելու
համար
զարհուրելի
մղձաւանջը։
Յետոյ
դողալ
առին
մատները,
պաղ
ինկաւ
սիրտը
ու
մօտ
էր
նուաղելու։
Անհոգ՝
անոր
աղջիկը
անցաւ
սենեակին
միակ
պատուհանին
առաջ
ու
կը
նայէր,
սառած,
աղուոր
լճակին,
աշնանագեղ
ցերեկով,
թեթեւօրէն
ներկուած
կաթի
կոնքի
մը
պէս,
բլուրներու
գոգին,
հեռաւոր
ու
կախարդ,
ուր
երիտասարդ
մահեր
կը
քնանային։
-Էս
ան
տունը
ոտք
չեմ
կոխեր։
Միշտ
միօրինակ
խստութեամբ,
որմէ
շիւղ
մը
բան
փրցնելը
չենք
յուսար,
ու
կամակոր
գլուխով,
որ
ետ
նետուած
ատենը
ժխտումի
համար
սարսուռն
ու
կիրքը
կը
փոխադրէր
մազերուն
ալիքին՝
անիկա
սպառնաց,
տակաւին
այս
գիշեր
իսկ,
կարգադրել
հաշիւը
իր
սրտին։
Պահանջեց,
որ
մինակ
ձգէին
զինքը։
Հարսները,
այսինքն՝
աղբրտանցը
կիները,
փոքր
ու
տխուր
դէմքերով
կը
վախնային
նախ
իրենց
զգեստներուն
հաշուոյն,
սա
շքեղ
տիկինէն,
որուն
կը
վայլէր
միսը,
ինչպէս
ադլասը
եւ
որուն
աղ
ո
ւորութիւնը
անպարփակ
լոյսի
մը
նման
կը
բացուէր
խեղճուկ
պատերուն
ու
նախանձախառն
պատկառանք
կ՚ազդէր
անոնց
չորցած
հարսնութեան։
Անշուշտ
ոչինչ
կրնային
գիտնալ
ողբերգութենէն
ու
մտքով՝
վայը
կու
տային
սա
անխելք
աղջկան,
որ
ձգած
Նալպանտենց
էլմասն
ու
ոսկին՝
կու
գար
մուր
կապելու
սա
շուներու
խշտիին
մէջ։
Մայրը
պարտուած,
խենթեցած,
մամուկը
կապել
իսկ
մոռնալով
կսկիծէն,
շունչը
առաւ
ժամ։
Աղերսարկու՝
հերթապահ
քահանային
ծանր
հիւանդի
մը
համար
յանձնարարեց
եօթը
գլուխ
Աւետարան,
«պինդ»երէն,
որոնք
քարը
խմորի
պէս
ջերմ
ու
հասկցող
կ՚ընեն։
Անուն
չտուաւ,
բայց
զգաց
քահանային
խորհրդաւոր
լռութիւնը,
որ
երբեմն
գաղտնիքին
հոսումն
է
մենէ
դուրս։
Խեղճ
կինը
չէր
գիտեր,
թէ
մէկ
գիշերը
բաւական
եղած
էր
աղջկանը
հիւանդութիւնը,
«խորոզի
պէս
ոռնալը»
հասցնելու
գեղին
սեփականութեան։
Այս
մասին,
քողաւոր
բառերով
հարցուցին
անոր
սանկ-նանկ
կիներ,
ճամբու
ընթացքին։
Պատասխանեց
անոնց
սրտառուչ
տգիտութեամբ
մը։
Գտաւ
հաճի
Աննան
աւելի
քան
անձկալից,
բայց
երբեք
նկուն։
Պատնէշին
վրայ
էր
մեծանուն
պառաւը։
Ըմբռնեց
ան
կացութեան
լրջութիւնը։
Թէեւ
հեռու
գուշակելէ
Աղուորին
հոգին
հիմն
ի
վեր
շրջող
փոփոխութիւնը,
մա՛նաւանդ
ուզածը՝
անիկա
բնազդով
ուղիղ
ճամբու
վրայ
դրաւ
դէպքերուն
սայլը։
Ապահով
իր
տղէն,
կնճռալից
հայեացքով
մը
խորունկներէն
փնտռեց
միջոցը,
յուռութը,
որ
ազդէր
հարսին
հոգիին։
Այս
փնտռտուքը,
որ
շուարումի
այնքան
քիչ
երանգ
ունէր,
եղկելի
բանի
մը
վերածեց
խնամի
Բաբէթը,
որ
ծունկի,
արդէն
սկսեր
էր
թափել։
-Խելքէ
պակա՛ս։
Նախատեց
խնամին
ու
մանրացաւ
ինքն
իր
մէջ։
Յետոյ
իսկոյն,
առանց
ատեն
ձգելու,
որ
Սարեկը
ծանծաղի
իր
ողբուկոծին
մէջ
բառերով
ալ.
-Շո՛ւտ
տուն։
Տուն
կը
ղ
րկէր
մամածակ
խնամին։
Այդ
փայլակի
պահուն
արդէն
գտած
ու
անուանած
էր
հիւանդութիւնը։
-
Խոցտուկ
ըսես
պիտի
ամէն
հարցնողի։
Տիրական
այս
գիւտը,
որ
հետաքրքիրներուն
կզակները
կը
կարկէր,
չունեցաւ
հարկաւոր
արձագանգը
Սարեկին
կործանած
նաւուն
վրայ։
-Անկողի՛ն
փռէ։
Թող
պառկի՛։
Լեզուն
պի՛նդ,
ջաղցի
սեմին
պէս։
Իրարու
վրայ
այս
կտրուկ
հրամանները
իրենց
այդ
շեշտովն
իսկ
հասան
իրենց
նպատակին։
Երբ
հոգին
քակուած
է
հունէն,
թեթեւ
հովն
իսկ
հեղինակութեան
կ՚անցնի
հոսանքին
վրայ։
Խնամի
Սարեկը
դուրս
ելաւ
Նալպանտենց
տունէն,
յօնքերուն
վերեւ
տասնական
լեռ
դիզուած
ու,
սիրտի
դուռին՝
երկաթ
մը։
Անոր
պարզամիտ
ուղեղին
համար
վտանգը
ուղիղ
գիծի
կը
հնազանդէր
ու
մարդերուն
միջոցները
անզօր
էին
անոր
ընթացքին։
Ասիկա
իմաստասիրութիւնն
է
բոլոր
միակտուր
ու
անխարդախ
հոգիներուն։
Ճշմարտութեան,
արդարութեան
վրայ
հաւատք
մը
անոնց
անհրաժեշտ
տարրը,
միջավայրը,
գոյահեղուկը
կը
մնայ։
Անգամ
մը
փրթած
փոթորիկը,
իր
կապերը
փետտելէն
ետքը,
որոնք
աւանդութեան,
պատիւին,
օճախին
սրբութեան
կծիկներէն
իջած
էին
վրան,
կը
փչէր,
պիտի
փչէր։
Որքան
ուժ
եւ
ամրութիւն՝
խեղճ
իր
տունին,
աղջկանը
քամակին՝
դէմ
տալու
համար
աստուածահաս
պատժին։
Երբ
բարձրացաւ
համեստուկ
իրենց
սանդուխներէն,
սենեակները
խաղաղ
էին։
Թոռները
կը
խաղային
պուպուկ
զգեստին
հետ
Նալպանտենց
հարսին։
Երկու
կին
`
հարսները
խնամի
Սարեկին,
շրջապատած
իրենց
աղուորիկ
տալը,
կը
խօսէին
հիացիկ,
երկիւղած։
Անոնց
քաղցր
անգիտութիւնը
սրտառուչ
բան
մը
կը
նետէր
տեսարանին։
Բայց
աւելի
յուզիչը
պզտիկ,
ձմերուկի
գլուխով
մանչուկն
էր,
որ
ձգած
իր
մայրը՝
վազած
էր
աղուոր
կնիկին,
նստած
ծոցին,
անանկ
անուշ,
անանկ
գառնուկ,
անանկ
բնական,
որ
մարդ
կը
վարանէր
արգանդի
կապ
տեսնել
երկու
օտար
այդ
էակներուն
միջեւ։
Սիրա
զ
եղ
այս
պատկերը
ըրաւ,
որ
մայրը
խշխշար
ու
քիթը
բռնէր։
Կը
զգա՞ր
Աղուորը
իր
պատճառած
յուզումը։
Մատները
մանչուկին
մազերուն
մէջ,
աչքերը
հեռու,
անոր
դէմքը
կծկուած
էր
գոցուող
երկինքի
մը
նման,
որուն
մէկ
մասին
արդէն
սեւը
կը
տիրակալէ,
երբ
հոս
ու
հոն
դեռ
լոյսի
եւ
կապոյտի
բեկորներ
կը
յամառին,
վերջնական
պարտութենէն
առաջ։
Անիկա
խելօք
էր
սա
պահուն։
Մեղքնալուն
թէ
ուրիշ
զսպանակէ՝
ան
հետեւեցաւ
մօրը։
Մեկուսանալու
համար
տունին
հին,
մօրը
վերաբերող
սենեակը։
Չհարցուց
իսկ,
թէ
ինչո՛ւ
անկողին
կը
փռուէր։
Անոր
աչքին
պատկերները
կը
շինուէին,
բայց
չէին
բռնանար։
Ի՜նչ
խօսած
էր
կեսրոջը
հետը։
Կը
դառնար
հարցումին
շուրջը,
բայց
կը
ծուլանար
ընելու։
Տեսաւ,
որ
անկողինը
աւարտելէն
ետքը
մայրը
նայեցաւ
իրեն,
աղաչաւոր
ու
խեղճ։
Իրականութեան
հետ
այս
աստիճան
կապ
կտրելը
բացատրելի
չէր
իրեն
ու
հիւանդի
անկողինը
հանելուկ
մը։
Ինչպէ՛ս
մտածէր
անիկա,
թէ
հոգին
ալ
իր
հոգեվարքը,
մահը
ունի,
ու
կը
թաղո
ւ
ի
երբեմն։
Օրը
իրիկուն
կ՚ըլլար։
Շատ
բաներ
անցան
ու
դարձան,
մեծ
մասով
սովորական,
ուրիշներ՝
քիչ
անսովոր,
հասնելու
համար
գեղին
միջին
խղճմտանքին։
Նալպանտենց
տիկինին
հիւանդ
թաթը
տէր
մնաց
կացութեան։
Գեղացին
հոտուըտաց,
կռահել
կարծեց,
քանի
մը
մասնիկ
բան
կշռեց
իր
բամբասանքի
զգայուն
նժարիկին
մէջ,
գրեթէ
պտըտեցաւ
իրականութեան
շուրջը,
բայց
չհասաւ
անոր։
Բազմաբեղուն
իրենց
ենթադրութեանց
մէջ
դռնառաջքի
ժողովքները
չկրցան
տարազի
կապել
փսփսուքը
եւ
ողջունձեւել
գուշակուելիքը։
Կատարուածին
խելքէ
դուրս
անսովորութիւնն
էր
թերեւս
պատճառ,
որ
դրացիներուն
թարմ
ու
սուր
զգայարանքները,
այնքան
անվրէպ՝
ուրիշներուն
տուները,
ցաւերը
թափանցելու
ճամբէն
եւ
որ
պատահարն
ու
պատահելիքը
հեռուներէն
կը
պատգամէ
զարմանալի
ճշդութեամբ,
մնացին
լուռ
ու
չունեցան
ցուցմունք։
Գեղացին
այս
վրիպանքը
քանի՛
անգամ
ունեցեր
էր
այդ
վարագուրուած
տունին
համար։
Անիծեցին
պատերը,
որոնք
անթափանց
եղան
կրկին։
Դուրս
ինկած
մասերն
ալ
քիչ
նպաստ
չբերին
պառաւին։
Չէին
պարտկուեր
զոյգ
հիւանդութիւնները։
Հարիւրով
ականջ
լսած
էին
Աղուորին
ճչալը։
Հանին
չէր
կրցած
ոտքի
ելլել։
Ու
ճարտարութի՜ւն։
Պառաւը
իր
դիմախաղով
արգիլեց,
որ
հետքեր
իյնան
գիշերէն։
Ու
ամբոխին
բողկուկները,
այնքան
ուշադիր
ամէն
սողոսկումի,
չհասան
իրողութեան։
Նոյնիսկ
ներսի
ձայները,
եթէ
անորոշ
մրմունջ
կ՚իյնային
դուրս,
հաստ
պատերէն
նուաճուած,
Նալպանտենց
Սերոբին
հսկայ
զայրոյթէն,
Սերոբին,
որ
«կուտ
կ՚ուտէր
երկինքը
կ՚ելլէր»,
ինչպէս
կը
խօսի
հնօրեայ
առակ
մը,
ճաշակ
մը
տալու
համար
հարուստ
ու
ամբարիշտ
բարկութենէն,
որով
բարկանալ
կը
ծախէին
գեղին
ջոջերն
ու
ազդեցիկները,
քաջերն
ու
լիրբերը։
Պոռալ,
ձայնը
քառապատկել։
Պատուհաններէն
կախուիլ
ու
դարձեալ
պոռալ։
Նալպանտենց
Սերոբը
կ՚ընէր
ատոր
մեղմը,
մօրը
դիմաց,
որ
միշտ
լուրջ,
միշտ
խելացի
ամէն
վայրկեան
յեղյեղեց.
-Կամա՛ց,
կամա՛ց,
կամա՛ց։
Ան
զսպեց,
ու
հաւկիթի
ճերմկուցի
պէս
կճեփէն
դուրս
թափեց
տղուն
անժամանակ
եռանդը,
գիշերով
իսկ,
ձին
եկածին
պէս
դիմելու
կառավարութեան։
Չէր
խորհեր,
թէ
ի՛նչ
ունէր
հանելիք
Սողոմին
դէմ։
Պառաւը
դատեց
մտածումէ
աւելի,
քան
խելքէ
դուրս։
Ի՛նչ
հարկ
գալիքին
ընդառաջ
վազել
այսքան
կանուխ։
Մինչեւ
էտինք,
կարելի
է
աւելցնել
մինչեւ
կոչնակը՝
անիկա
լրիւ
վստահութեամբ
մը
վարեց
երկու
տուներն
ալ։
Սարեկենց
բանակէն
անիկա
պահանջեց
միայն
ու
միայն
լեզու
։
-Ձիգ՝
լեզունիդ։
Կ՚ըսէր
ու
կը
կրկնէր։
Պարտաւոր
էին
ամուր
պահել։
Խնամի
Բաբ
է
թը
պէտք
իսկ
չունեցաւ
այս
թելադրութեան։
Աղուորը՝
հպարտութիւն
թէ
ամօթ,
կը
մերժէր
խօսք
ու
լսել։
Ուրախ
էր
պառաւը։
Կոչնակէն
յետոյ,
առանց
որ
պատճառ
կենար,
ինկաւ
անոր
վստահութիւնը։
Չէր
համոզուած,
բայց
աղօտակի
կը
զգար,
թէ
սեւ
բան
մը
կը
սաղմնաւորէր
գիշերին
արգանդէն։
Անոր
այս
հոտառութիւնը
կը
կազմէր
անոր
յաջողութեան
բացառիկ
զգայարանքը,
որ
շնորհուած
է
շատ
քիչերու։
Ուրկէ՛
կը
վախնար։
Մտքէն
անցաւ
ձին,
դարձած։
Առանց
հաստատ
տուրքի,
նոյնիսկ
պատասխան
չունենալով
տղուն
բացատրութիւն
ուզող
հարցումին՝
ան
ղ
րկեց
Սերոբը
մեծ
աղջկան
տունը։
Պատրուա՛կ՝
քաղքէն
դարձին
սովորուած
այցելութիւնը։
Յայտնի
էր,
որ
կ՚ուզէր
մինակ
մնալ
Սողոմին
հետ։
Ի՞նչ
բանի
պիտի
գործածէր
այս
առանձնութիւնը։
Յստակ
չէր
ասիկա
անոր
մտքին։
Յատկանշական
էր,
որ
Սերոբը
ճամբելու
ատեն՝
ան
կորովով
ապահովցուց
զայն։
Այս
գիշեր
իսկ
հարսը
տունը
ըլլար
պիտի։
-Սողո՞մը։
Տղան
էր,
որ
բակէն
դարձեր,
կեցեր
սեմին
ու
կը
հարցնէր
դժուար
անձուկով։
Ինչո՞ւ
երկուքը
մէկ
ծառային
խորհած
էին
այդ
վայրկեանին։
-Դուն
գնա՛
ճամբադ։
Ձգէ
ինծի
ամէն
բան։
Ուրիշ
ի՞նչ
կրնար
ընել
երբեք
ինքզինքը
չեղած
Նալպանտենց
Սերոբը։
Գլուխը
կախ
հեռացաւ։
Ու
տունը
մտաւ
ընդարձակ
ու
բազմամասն
լռութեան
մը
մէջ։
Արեւի
վերջին
ծեփն
ալ
սեւաւորուեցաւ
դէմի
հինայուած
սարերէն։
Տախտակները,
ոտքին
տակ,
առին
գորշ
փայլ
մը,
կարծես
մեծ
մեռել
մը
ելած
ըլլար
անկէ։
Ի՜նչ
շուտ
ու
լրիւ
կը
փոխուի
մթնոլորտը
վիշտի
մը
փայլակէն։
Միտքերնիդ
բերէք
այն
օրը,
պահը,
երբ
ծանր
հիւանդութիւն
մը
ձեր
սենեակները
անշնչելի,
անբնակելի
ըրած
է։
Հաճի
Աննան
կը
հրուէր
բազմութենէ,
բայց
այս
պրկումներէն
աւելի,
որոնք
կը
թափանցէին
իր
արդէն
վիշտին
խոփովը
հերկուած
հոգեդաշտին՝
անիկա
կը
վախնար
դժուար
ու
մշտական
իր
վախը,
–
պակաս
մնացած
ու
աւարտումին
դիմող
աղէտի
մը
յստակ
սպառնալիքը,
որուն
դէմ
իր
անզօր
ըլլալուն
գիտակցութիւնը
պատկերին
կու
տար
դառնագոյն
նոթը։
Ինչպէ՛ս
կը
հաղորդուինք
եւ,
մա՛նաւանդ՝
կը
հաշտուինք
այս
կէս
չեղած
զգայութիւններուն։
Կու
գան
հաւի
մը
խօսքէն,
գերանի
մը
ողբէն,
կատուի
մը
լեզուէն,
որ
թաթ
կը
լզէ։
Կու
գան
աչքի,
մատի
խաղերէն։
Կու
գան
«սարէն
ու
ձորէն»։
Կրկին
փռեց
իր
անկողինը։
Ցաւ
չունէր
սակայն։
Կ՚ընէր
այսպէս
մութ
բանի
մը
հաշուոյն,
որ
տակաւին
գոյն
ու
գիծ
չունէր
իր
մտքին
մէջ։
Ու
մեծ,
աղուոր,
մետաքսով
ու
ոսկիով
յղփացած
տունը
կը
նմանէր
ճմռկուած,
բզիկ-բզիկ
խլեակի
մը,
նետուած
մեծ
փոթորիկին
մէջ,
ամայի
ափունքին։
Հարիւրաւոր
տանիքներ
կը
դադրէին,
հոգիի՝
ինչպէս
աչքի
համար,
ուրիշներ
հետաքրքրելու։
Մարդիկ
կը
դառնային
իրենց։
Սեփական
վայելքը,
ճիշդ
պիտի
չըլլա՞ր
ըսել
ցաւը,
կը
լեցնէր
սիրտը
ամէն
տունի
ու
կը
յորդէր
ամէն
տունի
ծխանէն։
Ու
այդ
ափունքին,
այնքան
մինակ,
այնքան
հեռի,
դեռ
կը
թրթռար
փոթորիկին
շունչը,
արեւմուտին
հետ
ինկած
քիչ
մը
իր
ուժէն։
Բայց
ինչպէս
որ
կը
պատահի
շատ
յաճախ,
ծովը
իր
բացին
խորերէն
մռայլ
զանգուած
մը,
ցից՝
ու
ճամբայ
ինկած։
Ուրիշ
չէր
պատկերը
Նալպանտենց
տունին
վրայ։
Ի՞նչ
պիտի
բերէր
գիշերը։
Յոգնած,
ջլատ
էր
անիկա
մենութեան
եւ
ամբոխման
իրեր
–
յաջորդ
այս
յուզումներէն։
Աղօթեց
ջերմ,
հաւատաւոր։
Իրմէ՞
վեր
ուժերու
գլուխ
կը
ցցէր,
թէ
կը
ծռէր։
Մարմնական
իր
ցաւէն
քիչ
բան
կը
պտըտէր
տակաւին,
սիրտին
շուրջերը,
կամաց-կամաց,
զգոյշ
կարկինով։
Բայց
հոգին,
ջերմահար
ծունկի
մը
նման,
կը
կծկտէր
ինքն
իր
մէջ
`
վախնալով
շարժումէն։
Հոգեկան
այս
նուա
ղ
ումը
միշտ
կապ
չունի
մեր
սպա
ռ
ումին
հետ։
Կամքի,
ներքին
գոյացութեան
կազմալուծումն
է
անիկա,
որ
մեր
մարմինը
մինակ
կը
ձգէ
արտաքին
գուպարին
դէմ
եւ
մեզ
կ՚ընէ
գերին
մեր
իսկ
ջիղերուն։
Մեղմացուց
ինքզինքը։
Աւելի
ու
աւելի
դառն
էր
վայելքը
սուզուելու
խորը
այս
հոգեկան
անգայտացումին։
Լքեցին
զինքը,
ոչ
բոլորովին,
այն
լարերը,
որոնք
կեանքը
կը
ճարէ
մենէ
իւրաքանչիւրին,
որպէսզի
անոնցմով
կառչած
մնանք
մեր
պատրանքներուն։
Տուէք
այդ
լարերուն
ի՛նչ
անուն
որ
կ՚ուզէք,
ըսէք
զանոնք,
–
աւանդութիւն,
նանրամտութիւն,
սուտ,
սէր,
ատելութիւն։
–
Զետեղեցէք
անոնց
տակ
այն
ամէնը,
զոր
կ՚ընենք
շատ
անգամ
ուրիշներու
սիրոյն,
ու
երբեմն՝
մեզի
համար։
Այսպէս
կը
պարպուէր
անոր
հոգեկան
տաշտը
ու
անիկա
այդ
ակօսումէն
կը
հաղորդուէր
վիշտ
ըսուած
բանին,
զոր
կը
նկարագրենք
այնքան
խնամքով
ուրիշին
վրայ,
կը
կրենք
սուգի
զգեստի
մը
պէս.
այսինքն՝
ցոյցի
համար,
բայց
կ՚ապրինք
քիչ
անգամ։
Քառասուն
տարի
կար,
որ
պառաւը
նման
կսկիծէ
չէր
յիշեր
անցնիլը։
Ոտքերէ
հանգչած
տունին
մէջ,
պառաւը
խունկ
ծխեց։
Ինչո՞ւ
կը
կանչէր
մեռելները,
երբ
օրը
չէր
Շաբաթ։
Յօրանջեց
ու
լացաւ։
Բայց
կը
վախնար
ու
կը
փնտռէր։
Սողո՞մը։
Ու
մինչեւ
անոր
գալը,
այսինքն՝
քանի
մը
վայրկեան
յետոյ.
ծուխին
մէջ
քաղցրացած
հին
տունը
կը
թօթափէր
կարծես
իր
ոճրային
կեղեւը,
կը
դառնար
իր
պարզ
իմաստին,
ուրկէ
ոչ
մէկ
խռովք
ըլլար
անցած։
Ու
կը
դառնար
խաղաղ
խորութիւն
մը,
–
ընդմէջ
երկու
հսկայ
ալիքներու։