Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա

Կռիւը, շատ աւելի լուրջ, արթննար պիտի նորէն, բայց գիշերը։ Այս անգամ հերթը եկած էր տան ծառային, իրաւատէրը շատ մը ածականներու, «մուրացկան», «բերանն անօթի հոտող» եւ դեռ ուրիշ նկարէն վերադիրներու, ինչպէս պարտ էին որակուիլ հարուստներու ն կողմէ բոլոր անոնք, որոնք հացի մը գնով, ստիպուած եղան իրենց բազուկները ուրիշին ծախելու։

Անոր ցերեկն ալ նուազ տագնապուն չէր անցած գլխուն վրայէն։ Ի՛նչ որ տարտամօրէն նախապատրաստուած էր նախորդ շաբթուն։ Աղուորին ծոցէն ու Նալպանտենց բնակարանին անտեսանելի քարայրներէն, ու ինչ որ անցնող գիշերը հերկած, խառնշտկած էր անոր մէջ իբր երիտասարդութիւն, արութիւն, արիւն, պահեստ ու կնիք, այսինքն՝ մեր հոգեկան շէնքը իր կործանումէն քիչ առաջ, այսինքն՝ մարդերը այս կամ այն հունին քշող յուզումներուն ու կիրքերուն ահաւոր բերաններէն ինչ որ կրնար հեղուիլ դուրս, թանձրանալ առանց մարմինը լքելու, ինչպէս չշոգիացող խոնաւութիւն մը մեր մորթին վրայ, ըրած էին անոր ժամերը կէսօրէն ետքը մռայլ, կայծակուած ու անլուր, քան նոյնիսկ ա՛լ պրիսմակուած առաջին օրը անոր ծոցին, բանաստեղծ մը պիտի ըսէր՝ արշալոյսին։ Ինչո՞ւ երբեմն մենք ոչինչ կը զգանք մեր շրջապատէն։ Բայց երբեմն, շատ հեռուներէն բաներ մը կը դպին մեր մէջ անտես զգայարանքներու։ Նորութի՛ւն։ Ամբողջ օրը, ինքնաբերաբար, անոր ափը շոյած էր դաշոյնին գլուխը։ Նո՞ր կենդանի՝ դաշտի սա տիրացուէն։ Նորութի՜ւն։ Անոր մէջ վտանգին հեղումը ու անկէ չվախնալու խենթութիւնը։ Ճամբա՛ն, որ կը դառնայ արգանդին շուրջը։ Բայց զայն բացողը կրակն է այս անգամ։

Մռայլ ու խուլ նախազգացումներով հերկուած, որոնք չես գիտեր ` ուրկէ՛ կը փրթէին, բայց որոնք զինքը կ՚ընէին ամպամած երկինքին պէս, խաւ-խաւ սեւցնելով, կորսնցնելու չափ հիմնական մոյնքը իր հոգիին, ամչնալով լսել իր սիրտը, որ լեզու ելած կը հարուածէր զինքը, ուշացած ըլլալուն, վախնալով նոյն այդ տունէն, ուր կը կենար հիմա իր հոգին մարմինէն առաջ, շատ առաջ քաշուած աքցանի մը ժանիքովը դէպի խաղաղ պատկերը գեղին դէմօք, արեւայեղց ու տրոփուն կիներուն համովը՝ անիկա դարձաւ տուն, գրգռուած, պղտորած նոյնիսկ միսերէն։ Անոր դէմքէն փախած էր արիւնը։ Մութ կարծր բան մը բռներ էր անոր յ օ նքերուն արձակ բարութիւնը, ու կալը՝ անոր երեսին։ Սե՞ւ, դեղնա՞ծ, ժանգո՞տ։ Ասոնք ածականներ են միայն ու դուրսէն դրուած բաներու նման չեն ընդգրկեր պատկերը։ Ժա՛նտ, դեղնախառն բան մը կը ծաւալէր նոյնիսկ մարմինին զգեստուած մասերէն։ Չարագուշակ կիտումով մը ան նկատեց դրան փեղկը, որ կը մնար կիսաբաց։ Այդ իսկ հաստատումը բաւ էր, որպէսզի անոր մէջ ձեւաւորուող, բայց չամբողջացող զգայութիւններ այսինքն՝ չէզոք օտարին համար կարծես հնարուած զգալու եւ ըլլալու ձեւերը չքանային ու անիկա, իր իսկ տարրին մէջ, վերադառնար իր ինքնութեան։ Մութին՝ աւելորդ է դիմակը, բայց լոյսի՞ն։ Վտանգի, ուրախութեան, խորունկ սուգի ընթացքին այս փոփոխութիւնը գերազանց է մեր միջոցներէն, դիմակներէն եւ կը նուաճէ։ Նալպանտենց Սերոբին տունը, պոռացող հակադրութեան մէջ ըլլալու համար տիրող օրէնքին, որ Իսրայէլին դուռները գիշեր-ցերեկ կը մոռնար գոցել, երբեք բաց դուռ չէր ներեր։ Ասիկա ալ ընդունուած ճշմարտութիւն մըն էր, որ գեղին լեզուին էր իջած եւ առակի վերածուած, որակելու համար սա կամ նա դրացիին (բարեկեցիկ մարդ՝ կը հասկնար բառին տակ գեղացին) զգոյշ քսակները, որոնց կապը դիւրին չի քակ ո ւիր։ Կծծի, գիշատիչ, գայլի նման իր իսկ տեսակը հարուածող գերդաստանին ընտանեկան ժառանգութիւնն էր, գուցէ արիւնէն չարափոխուած, ա՛ն արիւնէն, որ հաճի Արթինին երակներէն, պոռթկալու չափ առատ, հետզհետէ իջեր էր իր հուրքէն եւ ճարպի վերածուած անոր վերջին շառաւիղին վրայ։ Ու դուռը հնազանդ էր, ըսես, այդ կոչումին ցուցմունքին։ Գոց էին անոր փեղկերը տարիին բոլոր օրերը։ Գեղին մէջ սա զարտուղութիւնն է, հրէշայնութիւնը։ Բայց ուրիշ չէր հաճի Աննան։ Միափեղկ կը բացուէր ան գործի ատեն։ Տան ծառան պարտաւոր էր ձիուն բեռները քակել դուռին առաջ, կողովները շարքով փոխադրել բակ։ Գեղացին ա՛լ չէր հարցներ այս տարօրինակութեան պատճառը եւ կ՚ենթադրէր հին, յիմար սարսափ մը շեմը բեռնով անցնող կենդանիէն։ Միշտ այդ աշխատանքին ատեն, պառաւը իր մարմնովը պիտի ծածկէր բաց ո ւածքին ալ կէսը դուրսի աչքերէն։ Բնազդական այս շարժումները նկարագիր տուած էին դուռին, ա՛յնքան՝ որ օտարները պարտաւոր էին ուռնակը հարուածել ընդհատընդհատ, երեք հեղ։ Այլապէս դուռը չէր բացուեր։

Հրեց դուռին ետեւը եւ քալեց, ետեւէն՝ ձին։ Բակը լուռ։ Սուտ։ Մուրով եղծուած, քիթ կճող ու էգ բանով մը հոտաւոր։ Խոնաւութեան, աղին մէջ կէս մը աւրուած փայտի փտո՛ւկ մը՝ օդին մէջ, բորբոսի թեւով կրկին դիմաւորեց անոր ռունգերը։ Առանց կնիկի մը պատկերին մեզի այցելող հոտերը դժուար կը հանդուրժենք։ Աչքը կիներէն հոտ միայն կրնայ որսալ։ Ու երկու տարուան մէջ անիկա ամէն օր կատո զ ներուն այդ շունչը առաւ, ստերջ շո՛ւնչ, առանց Աղուորէն արգասաւորուած ըլլալու։ Ազատ օդէն դէպի տունին սա ապականուած, նեղ, հարստութեան մէջ վիրաւորիչ մթնոլորտը, անցք մը կապուած է յաճախ այս կարգի տհաճ զգայութիւններու։ Ճիշդ է, որ կը պատահի երբեմն հակառակն ալ։ Հոտերը յիշողութեան հաւատարմագոյն զինուորները եղան։ Սուզուեցէք ձեզմէ ներս, պիտի ճիգ թափէք, մինչդեռ հոտի մը թ ե ւը բաւ է ձեզ լիաթաւալ, ձեր չուզելովն իսկ տանելու պահին, որուն կապուած եղաւ անիկա։ Սողոմին համար, բորբոսի, կծուի, աղի եւ պտուղի, քիչ մը թրիքի, շատ մը ճենճի ու չոր խոզակի համախառն արտաբուրումը իր շուքին պէս կը հետեւէր մինչեւ գեղին բացերը։ Ու անոր կապուած՝ քրտինքը հաճի Աննային։ Փնտռեց ականջներովը։ Ոչ ո՛ք։ Յիշեց, որ պառաւը պառկած էր գիշերուընէ։ Ամբողջ ցերեկը անիկա խորհած իսկ չէր անոր հիւանդութեան ` զայն ընդունելով գեղեցիկ սուտ մը, ճարտար խաղարկութեամբ մը նետուած է՛ն տագնապոտ վայրկեանին։ Կիսաբաց՝ դարձեալ դո՛ւռը՝ օճախով սենեակին։ Դանդաղեցուց ձին, ձայն մը, ուրուաձեւ մը, շարժում մը մուրացողի շուարուն ու խեղճ կերպարանքովը։ Չէր ալ հարցներ ինքնիրեն, թէ ո՛րն էր փնտռուածը։ - Աղուո՞րը, թէ Սերոբը։ Հազաց ու աճապարեց ախոռ։ Տենդագին՝ կենդանին կապեց մսուրքին եւ շունչը հազիւ առաւ դուրս։ Շաբաթէն աւելի կար, որ անոր ոտքերը մոռցած էին խուցին ճամբան։ Համարձակ, իբր թէ ինքն ըլլար տէրը տունին, մտաւ անիկա պառաւին սենեակը, կրակի մէջ մտնողի մը նման, աչքերը վարագուրած։ Բացի պատուհանի քառանկիւն լոյսէն, քիչ բա՛ն, որ զատուէր մութին մարմինէն։ Ո՞վ ըսաւ, որ վառէր փոքր կանթեղը։ Բայց դողդոջ իրականութիւնը անով շինուեցաւ նորէն։ Անկողին։ Մէջը՝ հաճի Աննան։ Ու անգոյն, որովհետեւ գէշ լուսաւորուած յատակէն կը զատուէր պառաւին դէմքը, դալուկ ըլլալով բարի, գրեթէ սուրբի մը գլուխէն փրցուած ու դրուած բարձին։ Միօրինակ, մաղաղկուն տքուկ մըն էր հիմա այդ նշանաւոր բերանը։ Չորս դին լքում, բեկում, անվարագոյր եւ բիրտ, որոնք կարծես փոշին ըլլային տանը տագնապին եւ մաշուէին, աղօտ ուրուացումին մէջը ձէթին։ Բայց այս քայքայումին բուն իմաստը ինչո՞ւ չէր այցելեր երիտասարդին։ Մենք կը զգանք մեր ուզածը միայն։ Ու մեռել մը շրջապատող կիներուն մէջ իսկ սեռը կը սիրենք։ Սողոմին համար այդ տունը ուրիշ առանցք մը չունէր։ Աչքովը մտիկ ըրաւ վերնայարկը։ Ոչ մէկ շշուկ։ Երբեմն հոգի մը, առանց յայտնուելու, կը յուզէ տան մը ոլորտը ու կան ատիկա զգացողներ։ Պարապ սենեակ մը եւ քիչ առաջ լքուած մը կը տարբերին իրարմէ։ Անիկա գիտէր, թէ օրուան այս ժամուն աղա Սերոբը չէր կրնար պակսիլ իր յարկէն։ Ո՞ւր՝ սակայն ։ Յետոյ զգաց, որ սուտ էր իր մտածումը։ Անիկա խռովեցաւ։ Հակառակ իր ամօթին, իրմէն վեր ուժ մը, ծեծելէն, հրմշտկելէն փաչատեց իր բերանը հարցնելու պառաւին.

-Ո՞ւր է Աղուորը։

Պառաւը շտկուած էր անկողինին մէջ ` կռնակը տեղաւորելով բարձերուն։ Հողէ կանթեղէն, ձէթը իր սեւախառն լեզուովը կը ծծէր մութը, միակերպ ու առանց վէտի, ստուերոտ իր այլուրութենէն չկրնալով հանել սենեակին սա սգահեղձ կոխքը։ Մեր սենեակները մեր հոգիին խորանարդներուն կը նմանին ու փոփոխական են։ Նայեցաւ հաճի Աննան պիշ, վիզը կոտրած։ Յետոյ թօթուեց գլուխը։ Ու պզտիկ լոյսը անոր այտերն ի վար ճճիի փշ ր անքի պէս բան մը եղաւ, տգեղ ու աղտոտ։ Մէկ օր բաւ է, որ մենք պարպուինք մենէ, ամէնէն շատ՝ այն ձեւին հանգոյցէն, կնիքէն, որուն մէջ պարուրուած քալեր էինք տարիներով։ Ցաւի մը ասեղը, քանի մը ժամուան մէջ, մենէ կը ծծէ արիւնին հետ, մեր հոգիին ալ գոյնը։ Ի՛նչ քիչ, ի՛նչ իջած կը թուէր ինք իրմէ՝ ամենազօր պառաւը։ Ցա՞ւը, դէպքե՞րը, որոնք անցեալ էին եւ անո՞նք, որոնք գալիք կը մնային, ի՞նչն էր, որ առած-տարած էր վրայէն համը, հմայքը եւ ի՛նչ որ աս տունին խարիսխն ու փառքը կազմեր էր տարիներէ ի վեր։ Չպատասխանեց, բայց շրթները զօրաւոր դողի մը վրայ պրկուն։ Ձեռքը առաւ բարձին տակէն լաթի կտոր մը, որ թաց կը թուէր եւ տարաւ աչքերուն։ Լացած՝ օրուան մէջ։ Հարկաւ։ Կու լար գիշերուան սկիզբին։

Հզօրին, հարուստին, նախանձուածին արցունքը, մահուան բեմէն դուրս, այսպէս փոքր ու մտերիմ մարզերու վրայ, սուտի պէս կու գայ մեզի։ Կ՚ընենք այս սխալ դատումը գուցէ մեկնելով ամբարիշտ այն դիմակէն, որ դրամին ցոլքը կը շինէ մեր երեսին։ Ոչ ոք պիտի հաւատար հաճի Աննային լալ կրնալուն։ Կէս դարու վրայ գուցէ հազիւ քանի մը հեղ արցունքէ անցած այդ աչքերը, կիսալոյսով հովանաւոր, հատիկ-հատիկ սկսան գլորիլ այտին նոր բացուած գիծերէն, ծեր ու մռայլ արցունքէ, ա՛ն՝ որ կը դպի մեր սրտին, մուրացկաններու երեսէն, երբ իյնայ արեւին մէջ։ Փնտռեցէք պատճառը այդ յուզումին ձեր մէջը։ Ձայնի հանդէպ գերզգայուն տղան, որ իր իսկ եղանակին քաղցրութենէն կու լար յաճախ, տակաւին քանի մը տարի առաջ, ցնցուեցաւ իր խորագոյն ա լ քերէն, երբ այդ արցունքը վերածուեցաւ փոքր ու համաչափ հեծքի։ Տառապանքը, կ՚ըսեն, տարիք ունի եւ զուր չէ այս վերագրումը։ Կեանքի միջինին վրայ՝ հասարակաց է անիկա եւ կը տարուի պաշտօնական պարտքի մը պէս, որուն կը յարմարեցնենք մեր ժամն ու պայմանները։ Զուրկ է աղի եւ ճերմկած արիւնի այն համէն, որով յագեցած կը ներկայանայ անիկա կեանքի սկիզբին եւ վախճանին։ Զուրկ է գերյուզումէ եւ կը շփոթուի նոյնիսկ կարգ մը մեծակշիռ առաքինութեանց հետ, բուխ սիրտ, ներող հոգի, կարեկցութիւն եւ ուրիշ բաներ դրէք դուք այս փակագիծին մէջ, որոնք դեռ չեն վերածուած քաղքենի կեղծիքին։ Պարապ տեղը չէ, որ հիները, որոնք կեանքին միջինը ճանչցան միայն, ըսել կ՚ուզեմ՝ հասուն մարդու զգացմանց ցուցադրումին ծառայեցուցին միտք ը, անտես ըրին ծերն ու մանուկը ու զայն նետեցին հեքիաթին։ Անոնց արքաները երբ ծերանան, կոյր աչքերէ արիւն կը թորեն։ Բայց անոնց սիրավառ կիները լալու տեղ կ՚այրեն զիրենք։ Նոր քաղաքակրթութիւնը տկար է արցունքին հանդէպ, գուցէ անոր համար՝ վասնզի իր նաւը կը քալէ անոր ծովէն։ Տղոց ու ծերերուն մօտ ան զինաթափ կ՚ընէ մեզ։

Չհարցուց սակայն, թէ ինչո՞ւ կու լար։ Գիտէ՞ր, թէ գիտնալ կը կարծէր։ Բայց, առանց շատ բան ճանչնալու մեր աշխարհէն (երբեմն ի՜նչ խորունկ ու յարմար կը բանաձեւէ ժողովուրդը, իր փորձառութիւնները), միայն կնիկի մը արագ ու աւանդ ծոցէն անիկա սորված ըլլալու էր մարդերը արցունքին հրող մեծ ասեղները։ Նո՞ր էր, որ կը հաղորդուէր կեանքին խորագոյն խաւերուն։ Ի՛նք՝ որ ձայնին ճամբաներէն երկնցեր էր մինչեւ երկինքները։ Բայց ի՞նչ քիչ է լուսամուտը ամէն տեսակէն դէպի անդունդները։ Ու դուք գիտէք անունները անոնց։ Գերեզմանին մէջ իր արիւնէն փոս մը չունեցողը դեռ պարտաւոր է զգոյշ ըլլալու, այդ փորձառութիւններէն խօսելու։ Մայրը թաղե՞լը։ Բայց քաղցր պարտականութիւն մըն է ատիկա, ու գաւիթը՝ մահուան խորհուրդին։ Կ՚ընենք ատիկա յուզուած մեր հաշուոյն, երբեք թաղուողին։ Հայրը թաղե՛լը։ Ուրախութիւն մը եւ խնճոյք մը, մարդոց շատին համար։ Չեմ գիտեր, թէ կա՞յ զաւակ մը, որ քսանէն ետքը աւելորդ ու բեռ չդատէ զինքը ծնողը։ Կեղծ են արցունքները, որոնք զաւկըներուն աչքերը կ՚աղուորցնեն եւ ուրիշ ոչինչ։ Մարդ կու լայ, երբ իր իսկ արիւնը կը թաղէ։ Մարդ կու լայ, երբ կինը կը ճանչնայ։ Ու այս ծանօթացումը տարբեր չի գծուիր մեր տեսողութեան, գերեզմանի մը փոսէ՜ն։ Ուրիշ բան է արդէն կինը։ Ու, երիտասարդութեան աղեղէն, կիները ճանչնալը դեռ բակը կը կազմէ այդ ցաւին։ Թող տարածուին աստիճանները աղեղին ու բացուին դուռները ցաւին, սենեակները ու սրահները, ուր պիտի պտտցնենք մեր թշուառագոյն կորանքները, սուգերը, պատրանքները։ Այն ատեն մարդ իրաւունք կու տայ ժողովուրդին իմաստութեան։ Ու դուք դեռ գեղն էք, այսինքն՝ տեղ մը, ուր ցաւին ակօսները բաղդատաբար քիչ են եւ հաստ։ Դրէք ձեր սիրտը քաղաքներու պողոտաներուն, քառուղիներուն։ Ո՛րը թուք մը, ո՛րը արգահատանք մը, ո՛րը ողորմութիւն մը հազիւ պիտի նետեն ձեր գանձանակին։ Ու պիտի լաք կնիկներէն աւելի…։ Կոտրեց ծունկը եւ նստաւ անկողինի կուշտին։ Ու որքան ալ տառապած ըլլանք մարդերուն եսասիրութենէն, հպարտութենէն, դրամէն եւ ուրիշ կողմերէն, կու գայ պահը, որ մեզ կը հաշտեցնէ նոյնիսկ ամբարշտութեան հետ։ Սուտ չեն կրօնները, երբ մեր կործանումը նախապայման կը նկատեն հոգեկան աճումին։ Գիտութիւն ու խաբուիլ, հասկնալ եւ անկարող ըլլալ, ապրիլ՝ բայց չհաւատալ՝ բառերուն մէջ գալէ առաջ ով գիտէ քանի ՛ հազար սերունդներու արիւնին մէջ շանթերով սրսկուած իրողութիւններ եղան։ Մարդը թող պարծի այդ անանուն հերոսներու զոհողութեամբը, որոնք իրենք առին իրենց ջիղերուն վրայ ամբողջ թարախը մեր նեխումին։ Քաղաքակրթութիւնը փոշի եւ ներկ դրած է շարաւին վրայ։ Ու կայ գերութիւնը։ Թէեւ դալուկ հիմա, այլափոխուելու աստիճան հեռացած ծագումին կնիքէն։ Վրէժխնդրութիւնը, ուղեղային երեւոյթ, քիչերու շնորհուած առաքինութիւն մըն է։ Չարութի՞ւնը։ Ապահովաբար հոմանիշ է հոգեկան ամայութեան։ Կամ գետին մըն է հոգիի յատակի, տատասկով պատուած, ուր բացառիկ պսակ է ծաղիկը, գուցէ հնարուած՝ պատմութեան կարգ մը բացառիկ դէմքեր փրկելու։ Այս վայրկեանին, հաճի Աննայէն հալածուած-չքացած էր ինչ որ Նալպանտենց տունին խորթութիւնը, վանող ցրտութիւնը կը կազմէր։ Նախնական մարդոց մօտ բոլոր այս թափանցումները երանգի միայն տարբերութիւն կը ներկայացնեն։ Գեղացին կը զգայ, թէ ինչպէ՛ս կը հալի սառը իր սիրտէն։

Փնտռեց պառկողին վրայ Նալպանտենց հաճի Աննան ` գեղին փարթամ անունը, մեծէն մինչեւ է՛ն խոնարհին մօտ կշիռի հասած փառքը հարուստին։ Օրուա՜ն մը ցաւ, հոգիի տունին վրայ, ներսէն կամ դուրսէն։ Գիշեր մը, լուսցուա՜ծ, մղձուկ, տագնապոտ։ Ու ահա՝ ոսկի՛ն։ Նմա՞ն օր մը եւս։ Ու մնացածն ալ պիտի չուշանար հալելու սա մարմինէն, ինչպէս դիտուած, սպասուած իրողութիւն էր ատիկա բարեկեցիկ, գիրուկ, հանգչած հիւանդներու մօտ։ Մտեր էր անոնց սենեակը, Նարեկը անութին, ելեր էր դուրս, ընթերցումէն ետքը։ Մտեր էր կրկին, մօրը փէշերէն լալու համար պառկողին վրայ։ Ու երկու պատկերներուն մէջ տարածութիւնը դուրս է բառերով տրուելիք գիծերէ։ Հարցուցած էր այսպէս շատ անգամներ, տիրացու տղան, գիրքը անութին, երբ կը քալէր, ընթերցումէն յետոյ, գեղէն դուրս ալ, փախչող եւ անհանգիստ, ի՞նչն էր, որ կը մտնէր, մտնէր պիտի ամէնուն միսին մէջ ու այդքան արագ պիտի աղար, ուտէր, սրբէր մեզ։ Մեր ջիղե՜րը (այն ատեն այդ լարերը կայի՞ն իսկ, հիմա՛ որ հոգին ուռկանուած կը զգար անոնց չուաններով), մեր ուժը, մեր հարստութիւնը, մեր գեղեցկութիւնը (ու խորհեցաւ հրաշքին, որ երեսն էր Աղուորին այդպէս խորաչափուած ու հեռու նոյն ատեն), մեր կիրքերը (խորհեցաւ իր մէջքին), ու ամբարիշտ, հայհոյուն, յիմար բերանները…։ Ի՞նչն էր։ Հիմա, երիտասարդ՝ ան կ՚աւելցնէր նաեւ տղու իր զգայութիւններուն մեր քաղցրութիւնները, ինչպէս նաեւ կիներուն (գալիք) հրապոյրն ու համը։ Կը հարցնէր ու կը մտածէր։ Իր բառերուն ետեւէն տեսա՞ւ արդեօք անիկա նաեւ եղերական ու կսկծագին առքը, յիմարութիւնը, որ կը բռնանար իր հոգիին, Աղուորէն՝ սահմանուած օր մը այսպէս լուծուելու, թափելու գերեզմանի սա նախադուռին, որ անկողինն է, մօտ թէ հեռու մահուան։

Ինչո՞ւ կը վարանէր հարցնելու օրուան վրայ։ Եկողներուն ու գացողներուն, մա՛նաւանդ Սերոբին վրայ։ Աչքերովը կը ջանար սենեակէն հետքեր բռնել, որոնք փոփոխութիւն ու պատահար մատնէին։ Ամէն բան սովորական, իր տեղովն ու ձեւովը։ Բայց ինչ որ կ՚անջատուէր ծանօթէն, հոգեկան բարեխառնութիւնն էր ատիկա, յորդ ու բացառիկ։ Ժամանակը, իրերը առանձին իրենց հոգիին քով ունին նաեւ երկրորդ մը, զոր միշտ չեն հագնիր, բայց որ մեզմէ մղուիլ մըն է, պահեստի ու դժուարադէպ։ Մենք կը մոռնանք մեր բաժինը այդ կաթիլ-կաթիլ յօրինուած կազմին մէջ։ Եւ իրերը կը դառնան այդ հոգին, այդ բարեխառնութեան, մինչ անկախաբար, հեգնելով մեր զգուշաւորութիւնը, վախերը։ Տարիներ ու տարիներ՝ հաշիւ եւ ցրտութիւն ծնած այդ սենեակին մէջ հիւանդ մը, համբոյր մը, արցունք մը գուցէ բաւ չըլլան հակազդելու։ Բայց մե՞նք։ Այսինքն՝ մեր մենէ անկախ այն մա՞սը։ Այսինքն՝ սկսող իրկո՞ւնը, որ կը յայտնուէր անկշռելի, անզսպանակ թախիծով ու աչքէ կ՚առնէր առարկաներուն շէնքը, դուրս բերելու համար անոնցմէ իրենց երկրորդ հոգին։ Ծանր ու դառն բան մը կը հոսէր դուրսէն դէպի ներս, վերջալոյսին թեւերէն մաղուած այն կպչուն տրտմութիւնը, որ կը դանդաղի ու կը բիւրեղանայ կարծես մեր ջիղերուն եւ ուղեղին վրայ։ Եղէք, այդպէս դրուած, պատուհանի մը առջին։ Եղէք ձեր ներսէն սուրի մը սայրին ներքեւ։ Եղէք փշրուա՜ծ՝ ինչպէս ինկած երազ մը։ Ու պիտի հասկնաք, թէ ի՞նչն է, որ կ՚աւելնայ։ Առանց ձեր զգալուն, արդէն պարուրուած ըլլաք պիտի այդ սողոսկումէն, այդ մշշայնացումէն։ Լոյսը՝ ձեր կռնակէն։ Հարկա՛ւ, բայց չէք դառնար ետ, վասնզի զայն կը դատէք ձեզի պէս վարակուած ու սգաւոր, վերածուած հիւանդ ու անպէտ, քիչ վերջը՝ աւելի տխուր բանի մը, արժանի միայն թաղուելու, տեղ տալու համար գիշերին եւ անոր լրիւ իշխանութեան։ Ձեզի կը բաշխուի՝ այդ պահը, ուր դուք կ՚ուզէք սեւը, մութը, ու ասիկա՝ առանց բանաստեղծութեան։ Ետ նայեցէք։ Ունիք ատոնցմէ։ Ի՛նչ ծանր բան է, երբեմն, երկինքը մեր գլխուն վերեւ։ Տուներն ի վար, խորերը, տուներու սեմին՝ սեփ-սեւ բակի մէջ, մարդիկ քալեն թէ մնան, կ՚ըլլան թաղմանաւոր ու մահով շղարշուն, զգալով ու տալով զայն, աւելի քան իրաւ։ Հոգե՜րը, ցաւե՜րը, որոնք գիշերն ալ պիտի հսկեն մեր սիրտին կամ մահիճին, կը մտնեն այդ սեւ հեղանուտին մէջ, կարծես իրենց չբաւէր սեփական թանձրութիւնը, կապարը, ու այսպէս արճիճուած կը բռնանան մեր վրայ։ Ու գիշերը քիչ անգամ ուրիշ բան է գեղին վերեւ։ Արդի քաղաքակրթութիւնը գուցէ հակազդեցութեան փորձ մը կ՚ընէ, բաժնելու համար անոր, գիշերին մարմինէն ստուարագոյն մասը, ու կը նետէ զայն լոյսերուն ու նուագին գզումին։ Մարդիկ՝ որոնք պիտի քնանան, պէտք չունին գիշերին։ Չքնացողնե՞րը։ Ու գեղացի՜ն։ Այդ ստուերայնութեան՝ ինչպէս լեարդի ոստայնի մը մէջ, կ՚անձկանայ սիրտը հիւանդին ու անոր խարխուլ ուժերը կը քաշուին բեմէն, որ մարմինն է, մինակ ձգելու համար հոգին, սարսափին, անվերջ ու անողոք մութի նախահամին հետ, որ գիշերն է հոս։ Ըսէք՝ գերեզմանին։ Ծերե՜րը։ Անկարնե՜րը։ Խօթացածնե՜րը։ Խորհա՞ծ էք ասոնց, թէ ինչպէս կը մտնեն անկէ ներս։ Իսկ նոր հարսնե՞րը։

Ո՜վ հակադրութիւնը կեանքին, պիտի բացագանչէր ռոմանթիք բանաստեղծ մը։ Ու ծերուկ մահիճի մը կուշտին, երիտասարդ տղայ մը ծունկի, զուր կը փնտռէ հարսի մը քայլերուն շրշիւնը՝ սա սկսումին ծոցը։

Կամաց-կամաց տրուեցաւ անոր տեղեկանալ օրուան պատահարներուն։ Ի՜նչ տաղանդով, ի՜նչ տառապանքով սակայն ըրաւ ատիկա դժբախտ պառաւը, խոցուած իր խորագոյն հպարտութեանը մէջ, ստիպուած ըլլալով կրել միջամտութիւնը սա օտարին։ Զգուշաւոր էին անոր ցուցմունքները, եղերական բեկումով մը, որ կը հաշտեցնէր անոր շեշտը եւ աղէտին գնացքը։ Անիկա զեղչեց անշուշտ բան էրիկ-կնկայ կռիւէն, ու նաեւ՝ իր չգիտցածը։ Ու՝ ինչ որ մեր խորագոյն բնազդը պարտաւոր է պահելու օտարէն, որ օտարն է միշտ։ Հիւա՞նդ։ Մայրը կը վարանէր այդպէս որակել սա պառկողը, որ կը դատէր պայծառ եւ պարզ։ «Նալպանտենց Սերոբին տունը», սա իրիկուան մուտքին, անոր համար վտանգահար, չափազանց լուրջ պատահար մըն էր։ Բայց որուն ոտքերը դեռ չէին փրթած։ Զառիթափին՝ հրաշք մը դեռ կանգուն կը պահէր այդ տունը։ Բայց ոչ մէկ երաշխիք, թէ երկու վայրկեան յետոյ հո ղ ը պիտի չխուսէր։ Յուսահա՞տ։ Պիտի չըլլար անիկա մահուան մէջ իսկ։ Ըսաւ ու ըսաւ։ Ու բառերէն դուրս կու գար իր ժառանգակա՞ն, ստացակա՞ն՝ բայց միապաղաղ վստահութիւնը՝ նուաճելու եղելութեանց գնացքը, համաձայն ընտանիքին, օտարին ալ (այսինքն՝ Սողոմենց) գերագոյն շահերուն։ Զէ՞նքը։ Բայց միշտ մէկ է ան։ Մեր ընկերութիւնը վարող հզօրագոյն զէնքը, ԼԵԶՈՒՆ։

Կը բաւէր զայն ձիգ պահել, ու մնացեալը վստահիլ ժամանակին, որ գերագոյն տէրն է ի վերջոյ մեր ուժերուն ու վախերուն։ Անտեղի այս քարոզը, կը կրկնէր, աննուազ զօրութեամբ մը, շեշտը՝ ախոռի խրատականին։ Ու Սերոբը, Աղուորը, Սողոմը բառեր էին անոր լեզուին տակ, փոխն ի փոխ ռումբ ու պայթում, որոնք կը գործածէր անիկա սրտագին վայելչութեամբ։ Ցաւ, հիւանդութիւն, նոյնիսկ մահուան վտանգ անկարող են մեր մէջ հերքելու խառնուածքին տիրական գիծը։ Նալպանտենց հաճի Աննան վէճ դնէր պիտի նոյնիսկ հոգէառին հետ, նոյն աննուաճ պերճախօսութեամբ։ Հետզհետէ պրկուած, իր ծունկերուն վրայ պատրաստ՝ ինչպէս նետը աղեղին, Սողոմը մտիկ կ՚ընէր ` սպասելով, որ խօսքը դառնար ու թափէր իր ցանկութեան աւազանին։ Անհնարին յուզումով սարսռաց, երբ լսեց Աղուորին ո՛ւր եւ ինչո՛ւ ըլլալը ։ Ի ՛նչ սուր ցաւ էր անիկա, որ ճմուռ-ճմուռ բերաւ սիրտը իբրեւ թէ թուղթէ, բուր դ է ըլլար շինուած, անողոք բռունցքի մը մէջ առնելով անոր ծրարիկը։ Ի՛նչ նեղ, խզրող՝ տախտա՛կը, վրան ու ներքին։ Յոյսէն անդին կ՚իյնայ այս վիճակը կարգ մը սիրողներու մօտ, երբ ցանկութեան առարկան մօտ ու հեռու կ՚ընծայուի դէպքերու թնճուկով, զատուած պատով մը թերեւս, բայց անհասելի՝ ինչպէս լուսինը։ Չենք կրնար նստիլ, քալել, ըլլալ։ Չհարց ո ւց վերադարձէն, բայց կը հեւար անոր հոգին ` սպառած վազողի մը նման, որ կը նայի ու չի հասկնար։ Ան շարունակ ծունկ կը փոխէր, ականջները լման տուած դուրսէն գալիքին։ Ինչո՞ւ չէր մեկներ։ Եղաւ վայրկեան մը, երբ ներքին արեւելումը գրաւեց զինքը լիութեամբ։ Գրեթէ անգոյ էր անիկա պառաւին թելադրանքներուն, անո՛նց՝ ուր մաս չունէր Աղուորը։ Թոյլ, ապուշադիր կը հետեւէր անոր մարգարէութիւններուն։ Ու մոռցաւ, դեռ լաւ մըն ալ չլսած, զանազան թուումներ անձերէ եւ այցելուներէ, զորս ըրեր էր անփոյթ, ով գիտէ ի՛նչ անյայտ նպատակներով։ Դիտեց, որ գիշերուան պատահածին հակառակ, խօսքը կը բանար անոր ուժերը։ Բառերը կը ստանային նիւթական ամրութիւն։ Ուժին այս վերադարձը պառաւին կը բերէր նաեւ հին օրերու հեղինակութիւն…։ Շատ մը բաներու շարքին, ան ծանրացաւ հիմնականին, Աղուորը դառնալու էր տուն, առանց որ ալէմը բան մը իմանար։

Կարծես հրաման մը ըլլար այս փափաքը։ Այնքան ճարտար ենք մենք ի հաշիւ մեր շահերուն զեղչելու կամ աճեցնելու ուրիշներու ցանկութիւնները։ Ոտքի ։ Ուրախ, թրթռուն, այցելուած ջերմ երազէ մը՝ անիկա սուզուեցաւ տունէն դուրս։ Ընելիքին նախավայելքը կը քալէր առջեւէն։

Փողոց։ Գեղի՛նը։ Այսինքն՝ աղտոտ ու հոտոտ այն տրտմութիւնը, ուր կը խառնուին տուներուն ներքին ծխումները եւ կը շինեն անշնչե լ ի բանը, որ քեզ դուրս կը նետէ նիգերէ։ Դեռ մութը չէր ինկած բոլորովին։ Ան զգաց սակայն, թէ ուշադիր ինչ հետաքրքրութեան առարկայ էր ինք, որուն երեւումը վէտվէտում կը ձգէր լուռ շարքերուն։ Վախցաւ գլուխներէն, որոնք կը դառնային իրեն, եւ կը մնային կապուած։ Կը քալէր ` մտքովը շինելով մօտաւոր ցերեկը, տրուածին կցելով ենթադրականը։ Աճեցուց դէպքերը կարելի տար ր երով եւ հաւատաց փոքր, յետոյ մեծ դժբախտութիւններու։ Հակառակ մութին, որ տուներուն ստորնայարկը գրաւած էր արդէն եւ կերած գրեթէ գետինները, փողոցէն, դուռներու խայտաճամուկ բացուածքներուն, մեծ կամ փոքր մարխերու, օճախներու եւ ծխուն կանթեղներու երեսէն, կիները, քովնտի, լուսաւոր, ամէն տարիքէ, կը յամառէին չբաժնուիլ սեմ՝ առաջի քարերէն։ Սողոմը յիշեց աւանդական տեսարանը, որ կը յաջորդէր դասական բախումներուն, բոլորն ալ մեծկակ շրջագիծով, արեւով կարմիր կամ դաժան գայթակղութեամբ մը պսակաւոր, որ կը պայթէր մէկէն, կոտրուելով, հսկայ կարասի մը պէս, փողոցի երեսին, ցրցքնելով աղտն ու մեղքը, աղն ու արցունքը, անբիծ անուն մը կամ պատուաստուած լրբութիւն մը հասարակաց թուքին, կոնկոն ին 1 ։

Կիներուն կեցուածքը, որքան կրցաւ դիտել Սողոմը, աչքի տակ կը պահէր Նալպանտենց տունը։ Հետաքրքիր, չկամ այդ կեցուածքը գեղը կը յօրինէ բնազդական ցուցմունքով մը, առանց որ աս ու ան միջամտեն։ Պատճառնե՞ր։ Շատ անշուշտ։ Վաշխին հաստատումէն ասդին այդ տուներուն շատցած է թիւը։ Կ՚անիծենք զանոնք, Աստուծոյ կրակը կ՚աղերսենք անոնց առատութեան վրայ, բայց կը մտնենք անոնց շեմէն ներս, խոնարհ ու վախկոտ։ Նալպանտենց Սերոբին սակը ծանօթ է ձեզի։ Շատեր կը դիմեն այդ տունին, նեղ օրերու ե՞րբ նեղ չէ օրը գեղացիին գլխուն–։ Սողոմէն ասդին անիկա դարձեր էր գաղտնիքի կծիկ մը։ Կը խօսէին երկու երիտասարդներուն վրայ, կ՚ատէին հաճի Աննան, կը բամբասէին ` առանց որոշապէս գիտնալու, թէ ի՛նչ կը սպասէին անոնց յարկերէն։ Ժամանակի խաւին տակ կրացած այդ ատելութիւնը չէր ազդուած հարսին յատուկ բարութենէն։ Դրացին գեղին համար բարոյական իրողութիւն էր։ Ու հակառակ իրենց հացին, չորին ու թացին հոգէն յաղթուած ըլլալնուն, կորաքամակ ու անօթի այդ մարդերը չեն փախցներ առիթը հասնելու իրարու լաւին ու վատին ու, մա՛նաւանդ՝ սանկ երկու անէծքի եւ հայհոյութեանց ընդմէջէն քիչ մը բան ծամելու հարուստին միսէն։ Հարուստին դէմ չ է զօք ու հասարակ նախանձէն դուրս, որ բնազդական է եւ պարտքի մը պէս կ՚արտայայտուի ամէն ձեռնտու առիթի, գեղացին իր մասնաւոր պատիժները ունի մասնաւոր տուներու դէմ։ Աղօտել հարսնիքներ, ցանցառ ընել յուղարկաւոր թափօրը, չհասնիլ կրակին, ու տակաւին ուրիշ հնարքներ։ Նալպանտենց տունին դէմ այս խուլ ու բռնաւոր ատելութիւնը կը յորդէր մա՛նաւանդ հանդիսաւոր պահերու։ Տեսակ մը խեցեվճիռ, թէեւ անկարող ու խեղճ հետեւանքէն, բայց սիրտ հովացնող։ Փորձանքի, մեռելի, խշում ի 2 ատեն ամենահաս ու սփոփարար գեղացին դժկամ մատներով կը մօտենար մշտափակ այդ դրան ուռնակին, կը մտնէր արագ, կ՚ելլէր արագ, հալածուած տունին պաղէն, մոռնալու համար անմիջապէս դժբախտ պատահարը կամ ուրախառիթ դէպքը, ա՛ն՝ որ ուրիշներու համար շաբաթներով չէր զլանար ինքզինքը։ Սողոմը չէր գիտեր, թէ տակաւին մութնուլուսուն անոնք արդէն ջանացած էին բացատրել գիշերուան բացառիկ լուսավառութիւնը, շունը, իմաստուն կաղկանձովը ու անսովոր անկողինը օճախով սենեակին։ Ժամէն հազիւ դարձած, անոնք դատեցին։ Հարսին բացակայութիւնը, հիւանդ կեսրոջը սնարէն, զարհուրելի փաստ մըն էր։ Ի՞նչ բանի։ Չէին գիտեր։ Բայց փաստ էր։ Է՜։ Ու գլխու խորհրդաւո ր ճօճումներով ընդունեցին հարսին խորհրդաւոր հիւանդութիւնը մօրը տունէն ` զայն ուրանալով հիմնովին, հակառակ անոր, որ չորս թաղ հեռուէն լսուած էր սրտակեղեք ճուոցը հարսին։ Հապա պառաւին հիւանդութի՞ ւ նը։ Խոզէ մը աւելի առողջ այդ կինը սա գիշե՞րն էր գտած հիւանդ իյնալու։ Սողոմին այսպէս ուշկեկ հեռանա՞լը։ Ո՞ւր։ Սարեկե՞նց ։ Սողոմե՞նց ։ Բան կար եւ ապահովաբար, դուրս թափուելիք Նալպանտենց սեմէն։ Ոչ ոք սակայն չհամարձակեցաւ հարցում ուղղել երիտասարդին, որ շաբաթ մը կայ, մարդացած ու լուրջ, կ՚անցնէր փողոցէն ` առանց տնտնալու, կէս բարեւ մը հազիւ մռլտալով ամէնէն տարեցներուն։

Շտապով քալեց անիկա իրենց թաղէն։ Գիշերէն առաջ բազմամբոխ պահ էր փողոցն ի վար։ Ցածուկ եւ մէջք մէջքի տուները դեռ կը պաշտպանէին նեղ փորուածքը քամիին զովէն, որ արեւէն ետքը լեռնէ վար դէպի լիճը կը կործի ու կը հովէ տանիքները առանց իջնել կարենալու դռնառաջքները, ուր գաղջ բան մը, յամեցող, վար կը դնէ մարդերը։ Լոյս՝ ամէն բակի։ Մուխ, կրակ, կերակուրի հոտ՝ ամէն դուռի առաջ։ Ու պզտիկները ամէն կողմ, առատ, ա՛յնքան՝ որ մարդ կը խորհի դաշտի ցորենին։ Ու կը խորհի ատոնք այդպէս նետող Աստուծոյ մատներուն։ Ի՜նչ սերմանող։ Սեմերուն՝ ընտանիքի հայրեր, անկարներ ` իրենց ծխամորճերէն քաւելով ու արձակելով օրուան տաժանքն ու յոգնութիւնը։ Մութը, ա՛յնքան՝ որ դիմագիծերը աղարտուէին, բայց պահէին ստուերագիծը, սեռն ու մերձաւոր տարիքը։ Սարեկենց տղուն՝ պաշտօնական կրակը, վրան՝ պուտուկ։ Երտ երուն 3 դեղնորակ լոյսին մէջ դողդոջ բան մըն էր դէմքը փոքր հարսին, որ կը հսկէր ոսպապուրը, մինչ տղոցը մին խլլոտ քիթը դրած մօրը ուսին, կը խաղար մազերուն հետ եւ միւսը ` պզտիկը, նստելու անկարող, ափին ամուր կը պահէր անոր փէշը, երեսքն ի վար երկարած մեծ սալին վրայ։

Իրար անցաւ խնամի Բաբէթը այս ծանր, դաժան, անակնկալ այցելութենէն։ Գուցէ կը սպասէր Սերոբին։ Աւելի անդին՝ քան սարսափը, որ անոր դէմքը ըրաւ եղկելի ու յիմար։ Իր տունէն ներս ոտք կը դնէր ահա մեղքը ։ Ինչո՛ւ չէր խորհած այդ նողկանքով աղջկան մասին։ Գլխագիր Մեղքը, մարմնացած ու անհերքելի։ Յանկարծ գիտնալ կարծեց, թէ ինչու աղջիկը չէր հրաւիրած տուն։ Անցան մտքէն հազար բաներ, անորոշ անշուշտ, բայց արտակարգօրէն արագ։ Ու չըլլալով հանդերձ, զգալի էին։ Մտածման մեքենան չի կրնար իր իսկութիւնը պարտկել ու դուրս կը հեղու զայն, ինչպէս երկաթը՝ քրտինքը։ Նայեցաւ չորս դին։ Ոչ ոք փնտռելու պահն էր սակայն։ Կը վախնար ուրիշի աչքերէն։ Ու կը բզզար գլուխը, փեթակի մը նման, ուրկէ պարս մը կ՚ելլէ դուրս։ Չէին դարձած տուն երկու տղաքը, որոնց հանդիպումին սարսափը զինքը դրեր էր այս խենթութեան մօտիկ։ Ի՞նչ ըսէր պիտի։ Եւ որքա՞ն։ Պիտի պահէր որքա՛ն։ Պիտի ջանար կռահել տալ որքա՛ն։ Յետո՜յ։ Բայց անոր երկու ձեռքը մէկ թուր ի 4 մէջ էր։ Աղուորին վճռական յայտարարութիւններէն ետքը։ Մա՜յր։ Ըլլողը միայն գիտէ ` ի՛նչ կ՚արժէ աղջկան մը պատի ւ ը, բայց ինչ կ՚արժէ մա՛նաւանդ տղոց զայրոյթը։ Մեծ հարսը վերն ըլլալու էր, վասնզի կու գար ձայնը ` փոքր ու սիրուն անէծքներու շ արոցով մը ` պզտիկները քնացնելու համար «շնթրկեցնելով», «սատկեցնելով»։

Մտան բակ։ Ասոր ինքնին հաստ մութը գեղացին տուն շինած ատեն կը խորհի միայն գլխուն, այսինքն՝ տանիքին ու յարկի սենեակներուն ու կ՚ուրանայ բակը, զոր աւելորդ կը դատէ ` գուցէ մեղքնալով անմշակ մնալու դատապարտուած հողին շերտին հազիւ կը խորշաւորուէր փոքր, ծխոտ ճրագով, դողդոջ՝ Բաբէթին բազուկէն։ Սովորական՝ ինչպէս պարտի ըլլալ աղքատինը, թէկուզ խնամի՝ Նալպանտենց կամ Հայրապենց, բակը, առանց կատոզի, հնձանի ու յաւելեալ մսուրքի, ուր կթան կովը կը պատուեն հարսները։ Հազիւ ան աչք ունեցաւ այս կցկտուր պատկերին։ Կը քալէ՞ր։ Սանդուխին վրայ ալ պակսեցաւ խօսքը։ Ինչո՞ւ կ՚ելլէր վեր։ Ինչո՞ւ չէր դողար։ Վերի աչքին միայն Բաբէթը մտաւ իր հաշիւներուն թափանցումին։ Քաշեց տղան դէպի անկիւնը լուացուածին, լոյսը, ձեռքէն, անաղմուկ ճակտի սենեակէն ներս դնելէ ետքը։ Կը խորհէր, այսպէսով չքացնել մեղքին այդ արձանը ` անխորհուրդ աչքերէ։ Ամէնէն յիմար բաները ամէնէն պարզ ու բնական երեսով կը ներկայանան մեր տագնապին։ Բայց ո՞ւր դնել հարսները։ Ո՞ւր՝ գալիք տղաքը։ Մեծ հարսը լսա՞ծ էր ոտքերուն աղմուկը։ Ան կեցուց սակայն երգն ու անիծաշարքը ու ամէն նորատի մօր նման խօսքի գնաց մանչուն հետ, որ անառակ էր ու կը յամառէր փակել աչքերը ` պահանջելով էծուն ու գէլին երգը ` իբր օրօր։ Սրահին վրայ լոյս ու մութ մասեր, հովին հետ աւրուող ու շինուող։ Սենեակներուն դուռները կուղպ ու տխուր, ընելով տանիքին տակը այլապէս սեւ, գերանները հրէշօրէն երկարուն, գալարուն ու կենդանի։

-Ո՞ւր է։

Մռայլ, բայց մեղմ էր շեշտը։ Ո՛չ դող, ոչ ալ վախ։ Բնական՝ ինչպէս հարցնէր պիտի էրիկ մը։

-Ի՞նչ ընես պիտի։

Կը վախնար սաստիկ։ Փսփսո՞ւք։ Ձա՞յն։ Չէր կարելի որակել ինչ որ կը թափթփէր անոր ակռաներէն, որոնք իրար կ՚ուտէին։

-Ո՞վ ղ րկեց։

Աւելցուց, առանց աչքերը ընելու անոր երեսին։ Յետոյ կեցաւ։ Բայց կը սարսռար ու շրթունքին անկիւնը պզտիկ կոճակ մը փրփուրի՝ արիւնի պէս կը լերդանար ու կը սեւնար։

- Ո՞ւր է։

Կրկնեց անիկա։ Հետզհետէ աւելի վարանոտ։ Ներքին՝ բայց ոչ ամբողջ, հեռաւոր մտածում մը, աւելի ճիշդը՝ նախազգացում մը հոսեցաւ անոր մէջ։ Ի՞նչ կը տեսնէր։ Մանրացան անոր աչքերը, ինչպէս կը պատահի ամէն անգամ, որ միտքը ներսէն կը գործէ եւ բիբին համար անպէտ է լոյսը։ Անոր վարանքը աստիճանաբար կը բացուէր յուզումի վրայ։ Զգա՞ց, թէ նոյն այդ անձուկն էր, որ ըրեր էր իր հարցումը խոր ու թշուառ։

-Նե՛րսը։

Ստիպուեցաւ պատասխանելու։ Ան՝ տեղեա՛կ, հաճի Աննային խողովակէն, Սողոմին նոր երակին։ Կը բաժնէր տարակոյսն ու վախը, որոնք արդիւնք էին Սողոմին մատաղ բերանին։ Պատանիներուն գաղտնիք տալը հովին թեփ տալէն ո՛ւր կը տարբերի։ Մտածեր էին ատոր երկու խնամիները։ Ու հիմա պարտաւոր էր հսկելու այս խակ փորձանքին։ Ու մօտ էր լալու։

Առաջին յարկն էր տունին։ Փոքր սրահ, երկու հանդիպակաց եզրերը բռնուած էին զոյգ-զոյգ սենեակներէ։ Ճակատը՝ լուաց ո ւածին ճիշդ դէմօք տանուտէրին Աստուած ողորմի հոգուն սենեակը՝ ուր կը պառկէր հիմա անոր թշուառ, «սատկելիք», «չորնալիք», «քրիկ-քրիկ» գալիք կէսը։ Կուշտին՝ մառան։ Բոլոր դուռները փակ էին եւ կը նմանէին դագաղներու, որոնք փոր ու ած ըլլան, ճերմակ մարմինին մէջը պատերուն։

-Հո՞ս։

Եւ առաջացաւ բանալու։

Հոտը կարծես առինքնած ըլլար զայն։ Ամօթ, վարանք հոգի եղան մէկէն անոր անդամներէն եւ երեսէն։ Տախտակները ճ ռ ճռացին։ Աղմուկը դուրս բերաւ գլուխ մը, դուռի մը կէսէն։ Հարսն էր, հետաքրքիր ու զարմանահար, կապելու փորձին մէջ, Սողոմին ներկայութիւնը ներս փակուած Աղուորին։ Անոր անխելք այդ նայուածքին տակ Բաբէթն ու Սողոմը կտրուեցան կարծես իրենց շարժումէն ու մնացին կէս։ Սառա՞ծ։ Ոչ անշուշտ։ Ներսէն կը ճչար պզտիկը, այնքան ուժով, որ կը սպառնար քանդել տունը հիմէն ու մօտ էր ճաթելու։

-Նայէ՛ տղուդ, - հրամայեց Բաբէթը ` վախէն ուժովցած եւ հրեց ճակատի դուռը։ Ասոր ընկրկումովը նոյն պղտոր լոյսը հակառակ պահուած ըլլալուն պառաւը զայն բանտարկեր էր լուացուածին քովի սենեակը, բայց չէր կրցեր փակել դուռը, թէ՛ յիմար բան մը ըլլալուն, թէ՛ շուարումէն , գնաց գտաւ բազմոցին մէկ անկիւնը կծկտած ձեւ մը, անկանոն ու ամփոփ, բայց չյաջողեցաւ շինել զայն։

Աղուորն էր։ Զգալով աւելի, քան տեսնելով Սողոմը՝ ան ցատկեց ոտքի։ Բաբէթը դուրսը, լոյսը բերելու համար հեռացած սրահին միւս ծայրը։

-Ինչո՞ւ եկար։

Դողահար ու տկար։ Բայց առաջին քաղցր նախադասութիւնը, որ ելեր էր անոր բերանէն Սողոմին երեսին։ Ո՞վ ու ե՛րբ շիներ էին այդ ձայնը այդպէս սրտագին, հարիւրամեայ շեշտով մը, ա՛յն ընտանութեամբ, զոր կեանքին տաքն ու պաղը կ՚անցընեն մեր բառերուն։ Օրէնք է, որ քաղաքներու մէջ մեր հոգին նուաճուի մարմինէն շատ առաջ։ Ու մեր բառերը այդ նուաճումին խեղճ ու յիմար զինուորները կ՚ըլլան։ Հ ա կառակն է, որ ճիշդ է ու յիմար զինուորները կ՚ըլլան։ Հակառակն է, որ ճիշդ է գեղերուն համար, ու բառը շատ ուշ կու գայ արգելքներուն չեմ անդրադառնար–։ Կու գայ, երբ այլեւս սիրտը ձուլուած է նոր քուրային մէջ։ Օծուն էր անոր ձայնը անբացատրելի ան համով, զոր երկաթ մաղմաղը, քուրան, դանդաղ ճենճերումը կու տան միսերուն, մարդկային կամ ոչ։ Կը ճանչնանք պարզ իր հոսելու, կաղապար առնելու ձեւէն մեր հզօրագոյն զգայարանքին այդ տուրքը, որ թափանցիկ է, մորթին տակ պահուըտած երակացանցի մը նման, ու սիրողները իրարու երկարած բաժակումի մը կը վերածէ։ Կը նայէի՞ն։ Երբեմն ժամանակը կը դադրի մեր վրայ։

Բաբէթը բերած էր ճրագը։ Սողոմը մօտեցաւ, անհուն բնակ ան ութեամբ մը, որ զարմանք ու սարսափ ազդեց մօրը սրտին։ Ինչպէ՞ս, ե՞րբ մարմին էր առած սա վիճակը օտար այդ տղուն ու Նալպանտենց հարսին մէջտեղը։ Ելաւ գերեզմանէն իր գլխաւորը, եւ քալեց դէպի ինքը, թոյլ, սրտառուչ յուզումով, որ տարիներու աղապատանքն է այդպէս քնքուշ շարժով մը գիծի ելած։ Ուրիշ կերպ չէր մօտենար անոր էրիկը, երիտասարդ օրերուն, համբուրելու համար զինքը, քովնտի, պահծու, ծափ երու 5 շուքին։ Ու անոր միտքին մէջ բաբախեց սարսուռը ա՛լ չգալիք բաներուն։ Ուրե՜մն։ Ու անոր ուղեղը լուսաւորուեցաւ շանթէ մը զարնուած։ Ի՜նչ յիմար էր ինքը։ Ուրի՞շ էր կերպը միւսներուն, բոլոր հարս-փեսաներուն։ Ինչո՞ւ բռնեց իր փէշերը։ Ու չէր տեսներ ըրածին հեռաւոր ամօթը։ Պռստեց յ օ նքերը։ Պսա՞կը։ Այո՛։ Իր գիտցածը։ Բայց չգիտցա՞ծը։ Բայց միւսնե՜րը։ Անիկա երբեք չէր չարչարած ինքզինքը հասկնալու, թէ ի՛նչ կը պատմեն սիրոյ երգերը։ Երգա՜ծ։ Լացա՜ծ։ Երազներու իսկ տարուա՜ծ։ Բայց միշտ ուրիշներու հաշուոյն։ Ի՜նչ կը պատմեն տարփավառ եղանակները, երբ իրենց կրակին մէջէն դէմքը կը հանեն սիրողի, սիրուողի, ու կը դնեն զանոնք սա աչքի պատկերին գիծին, այսինքն՝ դէմ դէմի, ետեւնուն հազար բերան, գուցէ ոճիրը, գուցէ մահը ` իր բոլոր տարազներովը։ Լսա՞ծ։ Հարկա՛ւ։ Բայց ուրիշ բան է տեսնել բամբասանքին ու ոճիրին տուրքերը, որոնք գեղէ գեղ կը պ տը տին նման վիճակներու ի հաշիւ։ Ան չէր գիտեր, թէ ուրիշ երգը՝ օդին վրայ լողացող, անգայտ ու քիչ, որ վերէն չի ծռիր քու շեմիդ ու կ՚անցնի՝ մարելու համար փարսախով հեռուն։ Թէ ուրիշ է, այսպէս աչքիդ տակ, քու մէկ կտորիդ կամ քու իսկ միսերուդ խորը։ Ու գիտէք սակայն։ Սիրոյ խաղերը խմբագրուած են երգուելու համար, ինչպէս շարականները՝ ժամուն դասերէն պոռացուելու համար հազուադէպ է, որ զգացումը անցնի այդ գոռում-գոչումէն ինչպէս գովքերը՝ մեռնողը գովելու, բայց լաւ գիտցէք երբե՛ք ցաւելու։ Կ՚ընենք թելադրանքը բառերուն, երբ օտար ենք անոնց տաղաւարած վիճակին եւ կը զգուշանանք ասոր իջնելէ։ Ով որ կ՚իջնէ բառէն վիճակին, կը նմանի, հոսանքը դիտելէ մէջը ինկողին։ Կը տարուի անիկա ու անոր գիրը դժբախտ են գրեր ճակատին։ Իջնողը կը մեռցնէ կամ կը մեռնի։ Վա՜յը՝ Սարեկենց Բաբէթին։ Ան ի՜նչ դիւրութեամբ կը հասկնար ինչ որ տարիներով հաճի Աննային դասերը, իր աղօթքները, ուխտերը չէին զօրած իրեն մատչելի ընելու կուսութի՜ւնը իր աղջիկին եւ անոր շուրջը պտըտող սա զաղփաղփուն, սա թեթեւ, բայց կայծակնահուր վտանգը։ Գիշե՜ր մը, շաբա՜թ մը բաւ են երբեմն, որպէսզի տարիներու հանգոյց մը քայքայուի մէկէն։ Ան կը հասկնա՜ր, ինչ որ չէր իսկ կասկածած, ինք անցած էր կեանքին ու սիրոյ ճամբաներէն, բայց լուծին կապուած գոմէշի մը նման, ուղիղ, առանց քիթ փորձելու նոյնիսկ ուղե զ րի խոտին։

Բայց ահաւոր եղաւ անոր զարմանքը, երբ տեսաւ իր աղջիկը քովիկը ցցուած, միս միսի քսուելու չափ մօտ սա հազար օտարին։ Կռնակը լոյսին՝ ան կը նայէր խոր ու անպատմելի առքով անոնց պատկերին։

-Տիրո՜ւկ, - չկրցաւ զսպել իր ահը, Բաբէթ խնամին, սա անպատմելի մեղքին դէմ։ Չէի՞ն ամչնար։ Ինչո՞ւ չէր փլեր տանիքը՝ վրանին։ Ե՞րբ խօսեցաւ։

-Երթանք։

-Ո՞ւ ր ։

-Տուն։

-Որո՞ւն տունը։

Խօսքը կոտրեցաւ, փշուր-փշուր։ Երեքն ալ զգացին, միաժամանակ, գետին իյնալը բանի մը, որ խուլ ու յիմար տարտղնուեցաւ, բայց մնաց յատակին։ Որո՞ւն տունը կրնային երթալ սա տղաքը։ Իրա՜ւ էր ուրեմն։

-Տէր Քրիստոս։

Մէջ մտաւ կրկին մայրը ` չդիմանալով այդ մտածումին ասղնտուքին։ Որո՜ւն տունը։ Ուր իր աղջիկը ներկայացաւ մտքին ` ընդմիշտ վռնտուած Նալպանտենց պալատէն, էրկան մը շուքէն, բեհեզէն ու շարոցէն։ Մեր սիրածներուն հոգին չենք դատեր անոնց մարմիններէն ու դրամն ու փառքը քովիկը կը դնենք թոյնով մահացած հարսնութիւններուն։ Կարկուտի ուժգնութեամբ վրան խուժեցին հետեւանքները։ Ամէնէն հզօրը ասոնց, պատկերն էր քիչ մը նկարագիր ու քլի շ է հագած հարսներուն, որոնք վռնտուած իրենց էրիկներէն, կը գամուէին մէկ անկիւնը իրենց մէրանցը տունին, ապականութեան արձանի մը նման, կը կործանէին շինութիւնն ու համը անոր ու կը չորնային պատին փակած սարդի մը նման։ Գեղը, այս մարզին վրայ, հակոտ ն եան է քաղաքին։ Զառածումը անիկա կը պատմէ նախնական ու բարբարոս բարութեամբ մը։

Բակէն լսելի եղաւ աղաղակը մեծ տղուն։ Երեք զաւկի տէր, դաշտէն դարձին՝ անիկա մայրը կը կանչէր կնիկէն առաջ ` խերով գիշեր մը անցընելու համար, հպատակ ըլլալով հին ու յարգի նախապաշարումի մը։ Միշտ պիտի պոռար, հոգ չէ թէ պատճառը ըլլար յիմար պէտք մը։ Նպատակը մօրը հետ խօսիլն էր ամէնէն առաջ։ Հարսները վարժուած են այս օրէնքներուն եւ կը զգուշանան։

Յ օ նքերուն տակէն Սարեկը չափեց զոյգը։ Ձայն- ծպտուն 6 չունէին։ Չէի՞ն լսած։ Կրկնուեցաւ տղուն կանչը։ Անոնց փոյթը չեղաւ նորէն։ Խենթեցե՞ր էին։ Ի՛նչ երկբայում ջլատեց անոր ծունկերը։ Ձեռքը երկարեցաւ դէպի դուռը։ Չէր կրցած բանալ։

-Վար էկօ՛…

Ամուր, քաղցր, տուն դարձի լիութեամբ։ Տղա՛ն մայրը կ՚ուզէր։

Ստիպուած՝ հանեց գլուխը դուրս պատուհանէն։ Օգտուեցա՞ն երկու տղաքը պատեհութենէն։ Կատարուեցաւ սակայն ներքին հոսում, որ լոյսին կը յայտնուի աչքերուն խորը, իսկ նման կիսաստուերներուն, ափէ ափ։ Երբ խօսքը աւարտելէ յետոյ մայրը դարձուց գլուխը ետ, գտաւ զանոնք հանդարտ։ Անոնք կը նմանէին իրարու աւելցած ու յետոյ իրարմէ զատուած պատկերի մը, որ ունենար երկու երես։

Բացաւ դուռը, որ գոցուեցաւ անոր կրունկին վրայ։ Մեծ հարսը, իբր թէ կեսուրը կանչելու, կը գտնուէր դուռին առջին։ Անիկա բացաւ զայն կրկին։ Աւելցուց անոնց, փոքր ճրագը իր սենեակին, դրաւ բարձ մը դրան ու սեմին անկիւնին ու հեռացաւ։ Կ՚ընէր այս ամէնը անշուշտ անտեղեակ ` հպատակելով խուլ ուսումի մը, զոր չեն սորվիր ոչ ոքէ, բայց պէտքի ատեն կը գործադրեն անվրէպ։ Չիջաւ սրահէն, նոյն ուսումին մէկ ուրիշ հրահանգովը հարկաւ։ Կը պտըտէր վեր-վար, լաւ ալ չգիտնալով պատճառը, բայց ներքնապէս ինքնագոհ ` կարծես կեսուրէն ունենալով նման հրաման մը։ Պէ՞տք կար այս հսկողութեան, որպէսզի Աղուորն ու Սողոմը մնային զգոյշ։ Անոնք գամուած կեցան իրենց սկզբնական դիրքին։ Խօսք ալ չունէին։ Դժնդակ ու անտանելի այդ րոպէները տեւեցին աւելի քան իրենց տեւողութիւնը։ Հարսը մէկ ձեռքով կը կառավարէր ձեռքի պզտիկը, միւսով ը թիթեղեայ խաղալիք մը շարժելով։ Դրան մէջէն ներս ինկաւ անոր դէմքը, մաշած՝ դեռ քսանէն նոր անցած, զարմանալի խաղաղութեան մը կնիքովը։ Այդ րոպէին անիկա կինը չէր, աշխարհին բոլոր ցաւերուն դասական տուփը կամ տոպրակը։ Ուրիշ, հեռու, նոր բա՜ն մը, մանուկ, իր գիրկի տղէն աւելի։ Տպաւորե՞ց այս տեսիլքը։ Աղուորը, լալու չափ յուզուած, կը հետեւէր անոր ա՛լ ջնջուած պատկերին։ Ան, հա՜րսը, ստնտեաց հարսը կը քալէր, պիտի քալէր, անշուշտ միշտ նոյնը՝ աշխարհի ամէն անկիւնէն, ու պիտի չզգար սիրտին բեռը կուրծքին տակ, սիրտին՝ որ հիմա ելած է դուրս, թառելու կուրծքին վրայ։ Դուրսէն, բաց պատուհաններէն, հետզհետէ կ՚աւրէին, կը քանդէին կիսայրեաց երկինքը ` տեղը տարածելով աղտոտ, խանձած, սեւուլիկ պատեր, անհուն ու այլանդակ, որոնք բանտի մը պէս ցած կ՚ընէին զիրենք ու ճնշեցին։ Փողոցէն հոտեր ու քայլեր։ Մարդիկ կը քաշուէին ներս ` ծամելու իրենց լեղի կամ հեշտ պատառը։ Ու սենեակներուն խորը, ու խշտիներուն խորը, պառկողնե՜րը, անկարներ ու ծերեր, որոնք հասարակաց սեղանէն առաջ աւարտած էին իրենց փորին պաշտամունքը եւ հարթիչ հազով մը կը շտկրտէին իրենց բերանները ` ողորկ հանելու համար իրենց տրտունջը, անէծքը կամ հայհոյանքը։ Մայրը մտաւ ներս, անձկալից ու անվճռական, որքան չէր, իջած ատեն։ Ի՞նչ ունէր լսած։ Գոցեց դուռը։ Ու, ձեռքերը մեծ սափորի մը երկու անկղերուն նման զետեղելով իր երկու կուշտերուն, հարցուց.

-Ինչո՞ւ կեցեր ես։

Որո՞ւ կը նայէր։ Ի՞նչ կ՚ուզէր։

-Էս ան տունը ոտք չեմ կոխեր։

Հաստատ, խելօք, բարձրկեկ, վճռական։

-Աղջի, խելքդ կերա՞ր դուն։

Ինչք ա՜ ն ալ իրարու կը նմանին վիճակները։ Բայց աւելի՝ մեր բառերը, անյատակ, անհասելի նոյն վիճակներուն դիմաց։

-Էս ան տունը ոտք չե՛մ կոխեր։

Յուզումի մեղմ խոնաւութեամբ մը, որ արցունքի մը թացութեան նման կ՚արտաբխէր անոր բառերէն։ Լա՞ց։ Գրեթէ մօտիկը։ Ատկէ՞։ Այսինքն՝ սենեակի յատակին փռուիլ, կռնակին վրայ, ճուալով իբր թէ առնուած ըլլար սատանին երախին մէջ, յետոյ քիչ-քիչ ընելով փորը վեր, կամուրջի մը կամարին նման, երկու ձեռքերը եւ ոտքերը խարի՜սխ տալով եղերական այդ կամարին, ինչպէս պատմեր էր Նալպանտենց հաճի Աննան։ Կամ ինչպէս կը պատմուէր ցա՜ւը հարուստկեկ կեսուրներէ։ Ու պոռա՜լ, ոռնա՜լ, տունի կենդանիներուն բոլորին ալ կոկորդներէն, շունէն ու կատուէն, աքաղաղէն ու կովէն։ Ու խաղ ու խնդումի հանել եօթը թաղերը, ու ր պիտի հասնէր այդ ճիչը։ Սարեկենց Բաբէթը այս օրուընէ իր մեղքին պատուհասը կ՚ընդունէր, իր կարծիքն էր ատիկա։ Ու կը պատրաստէր ինքզինքը գալիքին, այս անգամ աղջիկէն դուրս, իր իսկ մարմինին ճամբաներէն։ Իր աղքատութեան մէջ Աղուորին բախտը չէր մարսուած։ Գեղը կը սպասէր իր խելքը արդարացնող առիթին։ Պարապ տեղը չէ, որ մարդիկ հազարաւոր տարիէ ի վեր կ՚ապրին բլուրներու նոյն գոգին մէջ, կը խմեն նոյն ջուրէն ու կ՚ուտեն նոյն հողէն։ Անոնք այդ նոյնութիւնը պիտի փոխադրեն հոգիին ալ վրայ եւ պիտի դատեն մեր սրտին պահերը, սէրն ու մահը, պարզ կրկնութեան մը տուրքովը, այնպէս որ, հազարամեակ մը առաջ ապրող սիրտը իրաւացի ըլլայ տակաւին հիմա, Աղուորին գլխուն երբ ձախորդութիւն կը գուշակէ։ Ամլութիւնը նուիրագործում մըն էր անշուշտ։ Բայց քսանէն նոր ելած հարսի մը արգանդը կնքուած կարաս մը չէ։ Հիւանդութիւնը կու գար պսակելու սպասումը։ Մեր օրերուն ջղային այս ցաւերը։ Անցեալին մէջ յանկարծահաս լուսնոտում…։ Բաբէթը զարհուրա՜ծ ախտին կարելի հարուածէն։ Բայց ատոր չափ տագնապուն՝ սա կացութեամբ հովանաւոր ամօթէն ու ցաւէն։ Ան սեղմեց կզակները՝ չխօսելու, քիթն ալ՝ չլալու համար։ Գերագոյն իր ջա՛նքը դեռ կանգուն ոտքը գետին չկործելու։ Կախաղանին եւ ցիցով մահուան մէջտեղ ընտրութիւնը սուտ հեքիաթ մը չէ։ Վայրկեանը ժամանակ է միշտ։ Ու չխենթենալու համար, վախկոտ.

-Տղա՛ս, դո՛ւն խօսք հասկցուր։

Նստաւ անկիւնը բազմոցին, կենալ չկրնալուն։

Արցունքը, խոնաւցուցած անոր աչքերը, չէր ըլլար սակայն, ինչպէս կը պատահի հսկայ ցաւերու մէջ։ Ու մի մոռնաք՝ մեր ցաւերուն նժարը մեր սիրտը կու տայ։ Յետոյ, իրեն այնպէս եկաւ, որ ա՛լ չէր տառապեր, պէտք եղած չափով, գուցէ յոգնեցուցած ըլլալով ջիղերը, իրենց տարողութենէն ալ աւելի։ Կայ այս ապազգայացումը, որով փտախտաւոր միսերը կ՚որոշուին առողջներէն։ Հոգիին փտա՞խտը։ Խեղճ ու բարի կնկուկը չէր գիտեր, թէ շաբաթներով, մա՛նաւանդ սա վերջին երկուքին, ան սպառած էր անոնց բոլոր կարողութիւնը։ Ի ր ջիղերը ան գործածած էր անընդհատ շինելու եւ հալածելու չարագուշակ մտապատկերը, գալիքին տեսարանո՜ւմը, երբ աղէտը պիտի փետտէր տունին պատերը, պիտի իյնար փողոց եւ անոր, աղէտին երախէն իր անո՜ւնը, ցոյցի հանուա՛ծ, մեղքին կրակէ գրերովը ու ենթարկուած դժխեմ պատուհասին, Աստուծմէ եւ մարդոցմէ…։ Անիկա կոծուած, քարկոծուած էր ոխերիմ այս տեսիլքէն։ Ու հիմա սպառած, վերջին սա դրուագին ալ անկարող դիմանալու, լքեց ինքզինքը։

Գեղացին ասուն կենդանի մը չէ։ Անցընելով օրին ստուարագոյն մասը հողին, լերան ու անասուններուն հետ, լճի ափին ու վրան՝ անիկա պատեհութիւն չունի մարզե լ ու իր լեզուն։ Դուրս դրէք այս պարունակէն մանուկն ու ծերը, կեսուրն ու բամբասանքի ժողովականը, որոնք կը հնարեն հեքիաթն ու վէպը, սրամտութիւնն ու գովքերը։ Զայն կարելի է տեսնել քիչ մը պերճ՝ խօսքի վրայ, ծերերուն հետ երբ յիշատակներ կը պատմեն ասոնք, չապրողի զբաղանք։ Կամ՝ կիներու գիծով, տունէ տուն կռիւներու ընթացքին, որոնք միշտ զօրաւոր շահեր կը պաշտպանեն ի՞նչ բան զօրաւոր չէ, երբ հասողութեանը իյնայ կիներու փէշին դատարանի վայել ծանրակշիռ դրուագներով ու բերանները կը հրեն ծայրագոյն արձակութեանց։ Յաճախ երբ այրերն են ու այր է մարդը միշտ այդ փէշին առանցքէն բեմ եկողները, արիւնը կը խեղդէ արդէն անոնց կոկորդը եւ կարճ կ՚ընէ բառերը ` երկայն ընելով դանակը։ Բայց հազ ո ւադէպ է, որ երիտասարդը, դեռ չարձակուած իր հոգեկան խանձարուրէն պատկերին տակ տեսէք առաւելագոյն չափով սեռային հանգոյցը, որ երիտասարդը կ՚ընէ աղջկան մը պէս կոյս ու խպնոտ առնուի ու քշուի հեղեղէն։ Վերապահ է ան հարսնցուի մը նման. կը խօսի միշտ աւելի քիչ, քան ծերն ու տղան, որոնց հետ առնելիք-տալիք չունի արդէն սիրելու հարցը։ Բուն իսկ իր գետնին վրայ, այսինքն՝ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն մօտ, ան անընդունակ է հռետորական ընդլայնումի։ Շատ-շատ վէպերու էջերուն ան կ՚ախորժի ցոյցէն ու բառէն։ Անկողինին մէջ՝ անխօս։ Անկէ դուրս՝ զգոյշ, բայց վճռական։ Սինլքորները ու մամածակները միայն պատմեցին իրենց արկածներէն։ Սիրողը կը խորշի խօսքէն, որքան մարդէն։ Սիրոյ մեծութիւնները սիրոյ կամարները կը կազմեն։ Ի՞նչ ունէր ըսելիք Սողոմենց Սողոմը Նալպանտենց հարսին, անոր ծոցէն դուրս, մա՛նաւանդ ուրիշներու ներկայութեան։ Ի՜նչ տառապանք է հանդուրժել աշխարհը, երբ քովէդ կը քալէ սիրածդ։ Ի՜նչ ունին բոլոր սիրահարները պատմելու՝ իրենց սիրածներուն։

Սանդուխէն, տախտակամածէն աղմուկ կար քայլի՝ թէ՛ խուլ, թէ՛ թեթեւ։ Մարդեր, մօտ ու օտար, որոնց քոյր կամ ազգական կ՚իյնար անիկա։ Նե՞րս։ Մայրը կը ծեծէր ծունկերը, համաչափ, կտրատ շարժումներով, մեռելի անկողինի մը շուրջէն։

-Բերանդ ինչո՛ւ չես բանար, տղա՛յ։

Չդիմացաւ խեղճ կինը։ Սիրտին դողը կը կարդացուէր բառերէն։ Սողոմը, կարծրացած, խիստ ձեռքը մէջքին։ Ան խորհած էր եկողին։ Որքան բան գիտէր տղան, որ պիտի մտնէր ներս, բայց չեկաւ։ Շեղած էր անիկա սենեակը, իր սենեակը։

-Քալէ՛։

Ո՞վ էր խօսողը։

Պարզ, փոքր, վճռական, տարիքին, հասակին, սիրտին պէս։ Անուն ալ չէր տուած, ամչնալո՞ւն, թէ սիրուն։ Կը դնէր սակայն բառին վրայ էրիկմարդու անդրանիկ բնակ ան ութիւնը։

Նալպանտենց հարսը չկրկնեց իր քիչ առաջուան «ո՛ւր»ը։ Բայց չափեց երիտասարդը։ Անկնիք ու չէզ ո ք նայուածք։ Արհամարհա՞նք։ Հեգնութի՞ւն։ Կիները սիրոյ մէջ սէր են միայն։ Միւս զգացումները ատոր մշուշէն կ՚այլագունին ու նիհար կ՚երեւան։

-Քալէ՛, ես եմ ըսողը։

Լոյսը թեթեւ մը խաղաց ու տղուն դէմքէն առաւ քաղցր այն վճռականութիւնը, զոր լրջութիւնը, արտակարգ գորովը, վերահաս վտանգը մեզի կը բերեն, ոչ ոք գիտէ ինչպէս իրարու խառնելով այսքան իրարմէ հեռու բաներ։

Տեղէն ոչ մէկը ելաւ։ Դուռին ա ռ ջեւէն, ծանր-ծանր քայլերը Սարեկենց Օհանին։ Օտարին, գաղտնիքէն դուրսին այս մերձութի՜ւնը։ Ակամայ սարսուռ մը, երեքին ալ ոսկորներէն։ Գիտէին, սակայն, թէ բարի մարդ էր Օհանը։ Մէկուն հետ ջուխտ մը գէշ բառ չէր փոխանակած սա տարիքը մինչեւ։ Բայց էրիկմարդ էր վերջապէս, ամրակազմ ու յաղթահասակ, որ կրնար երկու թեւերուն մէջ ճզմել ու տափկըցնել սա նորատունկ տղան։ Մայրը կը դողար, բարտիի տերեւի մը պէս. ու անոր դ ողը անցած էր, բազմոցէն՝ յատակին, տախտակամածին։ Հեռացան քայլերը։ Ինչո՞ւ չեկաւ լայնութիւն։ Անձուկը կ՚ամրանար հետզհետէ։ Մութը՝ աղուոր մը շինած ինքզինքը, երկինքն ի վար, կատարեալ ու յիմար։ Մինչեւ ե՞րբ։ …Յանկարծ Բաբէթը ելաւ անկիւնէն։ Ան, առանց իր տղան լուսաբանելու, վեր էր վազած քիչ առաջ, զանոնք մինակ չձգելու գերագոյն հոգով։ Հարսի, տղու տէր էր ան։ Հիմա՜։ Աչքն առած էր ամէն բան։ Բացաւ դուռը։ Գոցեց, ու արարողութիւն չէին այս շարժումները։ Զոյգը թողած առանձին՝ ան կը շտկուէր վար, դէպի տղան։ Այսպէս կը խօսէին քայլերը։ Ինչո՞ւ կ՚երթար։

Անոնց առանձնութիւնը։ Աւելի քան դժնդակ։ Տաքցան, որքան չունէին եղած պատահարէն ասդին։ Ու նոր կ՚անդրադառնային այն եղերական համին, որ իրենք էին իրարու։ Կը վախնայի՞ն իրենց մարմիններէն, որոնք եփ ելած բաներու կը նմանէին, խառնակ, ու ճամբայ ելած՝ նոր կերպաւորման։ Կը վախնային սակայն բառէն, որ գոյութեան, օտարի, դուրսի նշխար մըն է նոյնիսկ մեր մէջէն, առնուազն օտար հասցէով, մինչդեռ սէրը, ուրիշ բան չէին անոնք այդ պահուն, իրարու լարուած, անջրպետին վրայէն իրարու ագուցուած, իրենց զգայութեան տարադիր, բայց մէկ կծիկովը այնքան յօժար, ինքզինքը կը շփոթէ լռութեան, համրութեան հետ։ Շրջուեցաւ տանիքը իր գերաններուն կողերովը, անոնց գլխուն վերեւ։ Հազիւ զգաց Սողոմը, որ ոտքի էր։ Նուա ղ ո՞ւմ։ Ինքնիրմէ ելլե՞լ։ Բայց անոնց անկողիննե՜րը, իւրաքանչիւր գիշերինը՝ առանձին նկարի մը կամ հատորի մը նման։ Բայց անոնց ցերեկները, իրենց հիւանդ, անբաւ կարօտովը, որ զիրենք ասեղ-ասեղ կը շիշտէր։ Երբ մեր աչքերուն տակ, ներսէն թաւալող այս պատկերները կու գան երեսք, այն ատեն մէկը պէտք է մեզ բռնելու, որ չիյնանք։ Կռնակէն ` պատը։ Ու անոնք իրարու վազող ջուրի ամաններու պէս, իրարմէ զատ դրուած, կը լողային իրենց ներսին երեսներէն նոյն սրբազան հեղուկին մէջ…։ Բայց աւելի՛ն։ Այսինքն՝ մօտաւոր գալիքը, մռայլ ու աննախատեսելի իր հանգոյցներովը, որոնք կապուած ճակատագրին մատէն, ճամբու էին դրուած դէպի անոնց գլուխը։ Վերիվայրումը։ Փոթորիկը։ Բոլորը՝ փայլակի մը պէս արագ, ամփոփ, կործանարար։

-Գնա՛, - շշնջաց Աղուորը ` վախնալով ինքզինքը մատնելէ։

Ու բառին ետեւէն անոր մէջ ծագեցաւ արիւնոտ, բայց պայծառ տեսիլը։ Ինք սկսած էր, իր փախուստովը, առաջին արարուածը այդ մռայլ ապառնիին։ Անշուշտ չէր վռնտեր։ Ոչ ալ մեղադրանք կը բանաձեւէր մտքէն։ Կրնար մօրը տուն այս դարձը ընել տասը օր առաջ, առանց ինքզինքը տուած ըլլալու։ Ի՛նք ուզած էր զայն իր ծոցը։ Ու գիտէր ատիկա։

-Առանց քեզի՜…

-Արքայութի՞ւն ալ չես երթար։

Խնդաց տրտում։ Ու տարօրէն անուշ էր կնիկի այդ ժպիտը, պահէ՞ն, տեղէ՞ն, խռովքէ՞ն առնելով այդ համ ն ու հմայքը։ Խնդաց, վասնզի տարօրինակ է մարդերուն միտքը։ Ուրկէ՜ ուր անիկա յիշեց այդ վայրկեանին հեքիաթը, որմէ փրցուած էին այդ զոյգ նախադասութիւնները, այնքան իրաւ, պատշաճ՝ իրենց բերնին ու վիճակին։ Աւելի տարօրինակը ա՛ն էր, որ բառերուն ետեւէն ստեղծուած էր հեքիաթին պատկերած առքը, երազային իր անգայտութենէն մէկէն ի մէկ թանձրանալով ու հաստ հեղուկի մը պէս առուակելով անոնց սիրտը։ Անոնց մտքին աչքերէն անցան թագաւորին աղջիկը, հեքիաթին բոլոր օծութեամբը եւ գողտր գրաւչութեամբը, որ քարերն իսկ կարող էր կրակի տանելու, եւ ոտաբոպիկ տղան, աղքատ, թշուառ, բայց աղուորիկ, հեռու երկիրներէ ու, մա՛նաւանդ՝ նոյն արմատէ կրակով. ա՛ն՝ որ գրաւած էր աղջկան սիրտը իր կոկորդովը եւ ատոր համար կ՚երթար մեռնելու։ Զայն ձգելու անկարող, աղջիկն ալ քովիկէն, կը քալէր դէպի մահ։ Ու կը քալէին անոնք, ոսկի պալատին դէմ ոսկի թեւերով կախաղանին։ Ու Աղուորին մէջէն կը քալէր հինգ տարիներու խաւարում։ Ու Սողոմին մէջէն կը քալէր պատանութիւն մը ամբողջ, ու կը քալէր շուքն ալ կախաղանին։

Բռնեց անոր ափը, ինչպէս կը պատկերէր հնօրեայ պատմութիւնը։ Պա՛ղ։ Յետոյ՝ ապարանջը, որ սառոյցէ օղակի մը պէս կը զատէր դաստակին սահմանը ջերմագին միսերէն։ Ասկէ անդին ջնջուեցաւ հեքիաթը, ինչպէս գետինը, ուր կը կենար, ինչպէս տունը, ուր իր մեղքը կ՚արձանանար, ինչպէս երազ, ու նկատում, վախ ու հաշիւ, որոնք կ՚այցելեն մեզի, երբ չենք հաւատար, այսինքն՝ դուրս ենք սեռէն։ Շօշափեց արագ դաստակն ի վեր, թեւերուն ջերմին ալիքը, հոծ, եղկ, էգ ու զգլխիչ։ Ինչպէս անցաւ այտերուն, կուրծքին իրանին հաստ մասերուն։ Հոյակապ սարսո՛ւռը՝ սեռային խենթութեան, որ ուղեղէն զարկաւ ու թօթ ո ւեց մինչեւ եղունգները։ Աղուորին թեւերը բռնեցին զինքը ` անկումէ ազատելու համար։ Ու պղտոր էր տղուն աչքին՝ տարածութի՛ւնը։ Լոյսը, անգայտ արիւնի մը նման՝ հեղուկ կ՚ընէր միջոցը, ուր կը թրթռար սեռային մշուշը, յորդ բխումով մը ատրուշանէ մը ինչպէս, եւ որուն կեդրոնին մեր օրերուն աստուածութիւնը, ամէն մարդու գլխուն կանգուն՝ իր ճակտին գիրը, կնոջ մը տարազով. Սողոմին համար՝ Նալպանտենց հարսը, խախտուած՝ իր գիծերէն, ամբողջ խաղ ու թրթռում, ամբողջ հուր ու զովութիւն, ըլլալով շինուելու վրայ երազ մը, ցնորք մը, խենթութիւն մը, որուն մարդ չի կրնար հաւատալ ` ըլլալով հզօր մագնիսը, որուն անտես ճիրաններէն շ ղ թայակապ սիրտ մը կը կողկողէ ու կը կողկողէ, աչքէն ու բերնէն ու մարմինէն բոլոր բաց ու գոց ճամբաներէն։

-Այս գիշե՜ր։

Ի՜նչ խեղճ, ի՜նչ տխուր, ի՜նչ անհուն սա նախադասութիւնը, որ մղձուկ էր, լաց էր, պաշտամունք էր եւ գերեզման նոյն ատեն։ Նո՛յնը՝ որ հնչած էր շաբաթ առաջ, ախոռին խորէն, հաճի Աննային երեսին։ Ան՝ կինը, իր կինը կ՚ուզէր։ Յետոյ, յոգնած իր իսկ կարօտին բեռէն, ու տակնուվրայ՝ գալիքէն, առաջիկայ գիշերէն ` փոխելու համար ինքզինքը, ինչպէս տարածութիւնը, փախչելու համար պուտ մը սա սենեակէն, ուր երկու կտոր մարդերէ, որոնք կրնային դէպի վեր շտկուիլ ու կործանել երազը, աւելցուց.

-Հետդ եմ…

Ու մնաց կարկամ։ Հեքիաթէն էր այս նախադասութիւնն ալ։ Ու հեքիաթը կու գար, կ՚երթար, կ՚աւրուէր ու նորէն կը շինուէր ու կը բռնանար։ Բայց անոր հետ՝ ենթակայական նոյն ոլորտն ալ, ո ր իբր շօշափելի սարսուռ անցած էր կզակներուն։ Ո՜վ խեղճութիւնը մեր ոսկորներուն, որոնք մեր միսերը պատռտել կ՚աշխատին ու կը վազեն սեռային կրակին։ Ո՞վ է անհեթեթը, զօրաւորը, ամրակազմը։ Երիտասարդը մեր մէջ մե զ ի անծանօթ կենդանին է։ Մեր կեանքին ընթացքին քանի՜ անգամ կ՚ըլլանք զայն։ Որքա՜ն շատ՝ թիւը անոնց, որոնք զայն չտեսած պիտի մեռնին։ Իսկ թի՛ւը միւսներուն, որոնք մէկ օրէն միւսը պիտի զարնուին անոր ուրուականէն ու պիտի իյնան անոր երախին։ Թի՞ւը, ասոնց։ Գիտունները չէ, որ պատասխանեն պիտի հարցումին։ Գացէք բանտերը, յիմարանոցները, կամ գերեզմանները։…

Ինչպէ՜ս բացուեցան անոր բազուկները։ Ամբողջ գեղը ան կրնար տեղաւորել այդպէս կը զգար անոնց աղեղին մէջ։ Բայց չկրցաւ գոցել։ Ուզեց խօսիլ։ Թուք գտաւ ակռաներուն տակ, ու լեզուի տեղ՝ միսի թանձր կտոր մ ը, որ ցաւ ունէր շարժելու։

-Հետդ եմ…

Կրցաւ արտաբերել սակայն անգամ մը կիսովին կազմուած նախադասութիւնը, բայց չաւարտեց կրկին։ Ինչո՞ւ չէր գար շարունակութիւնը։

-Մինչեւ կախաղան…

Ինչպէս կ՚ուզէր հեքիաթը։

Այնքան դուրս էր իրականութեան պարունակէն, որ չէր զգար նախադասութեան չըսուած մասը, աւարտած կարծելով։ Ինչո՞ւ կ՚ուշանար Սարեկենց Բաբէթը։ Սեռային գրգռութիւնը, զոր արդի վէպը չարափոխած է այնքան, իր մանուածոտ վերլուծումներով, թերեւս ամէնէն զ աղփաղփուններէն է մեր յուզումներուն։ Թերեւս մարմինը անընդունակ է զայն իր ուժին մէջ կրելու՝ երկար տեւողութեան մը վրայ։ Մնաց որ, ուրիշ յուզումներու դէմ մարմինը կը ճարէ պաշտպանութեան միջոցներ։ Հո՞ս։ Ինչո՛ւ անոր միտքը գնաց կատուներուն ու շուներուն։ Քովի սենեակէն առաջացաւ, խլացուցիչ սաստկութեամբ, պզտիկին ճիչը։ Բայց յետոյ իջաւ, նոյնքան արագ։ Իջաւ՝ մեղմ ու փափուկ խազերու։ Ինչո՞ւ դուրսի աշխարհը մեզի կ՚անցնի ` կաղապարը առնելով մեր ներքին ակօսին։ Յուզուեցաւ, տագնապով ու ամուր, մանկամարդ կինը։ Անոր այնպէս եկաւ, որ ստինքներէն տղու շրթունքներ կ՚անցնէին ու կը խտղտար անիկա մինչեւ խորագոյն ա լ քերը իր մարմինին։… Ու ահա ուրիշ զգացումներ, աւելի ախորժ։ Այս յաւելումները կը փոխարինէին պրկումը, շարժը, պլոր-պլորը սեռային սթափին։ Ու ներքին խտութենէն այս հեռացուիլը սիրելի էր երկուքին ալ։ Կը խնայէր մա՛նաւանդ խօսքին աղն ու այրուցքը։ Ձեռք ձեռքի մէջ։ Լուրջ, ազնիւ՝ պիտի ըսէր ռոմանթիք վիպող մը։ Հիմա իմաստ չկայ մալուած այս բանաձեւին տակ տաղաւարելու համար սա վիճակը։ Ձեռք ձեռքի, ինչպէս կը պահանջէր պատահարը։ Անակնկալ ու իրաւ հպարտութի՛ւն մը երկուքէն ալ, որ կը փրկէր գռեհկութիւնը իրենց սա պատկերին։ Վասնզի սիրային տրամը հետզհետէ իջեր էր հասարակ դրուագներու։ Տասնհինգ տարի կար, որ բարքերը ըրեր էին վճռական անկիւնադարձ մը։ «Անկո՜ւմ», պիտի պոռային բոլոր ընտանիքի պատուական հայրերը ` «Աւետաբեր» ը ձգելով իրենց ձեռքէն։ Սիրային դրուագները, ատենին այնքան հազ ո ւադէպ, բայց արիւնոտ պատմուճանումով, դժուարութեամբ անցեալէն յառնող, բայց պաղելէ յապաղած երգերու վրայ հազիւ կը քաշքշէին ցեխոտ վեհափառութիւն մը, ու ա՛լ վերածուելու վրայ էին ընթացիկ, տափակ պատահմունքներու։ Քաղաքին մեծ մոլորութիւնները, լայնօրէն ճիւղաւորուած՝ գեղերուն խորերը, բոզերու աժան արկածներով ու հարեմներու պերճ անկողիններով, որոնք հեքիաթ ը կը փոխադրէին կէս ժամ հեռու պալատներու պատշգամին, ինքնամատոյց, անյագ ու անհեղօրէն տարփավառ կիներու շքախումբէ մը, պատճառ էին, որպէսզի լղրճուի, փոքրանայ պատահարը, բեկուի իր եղերական հետեւանքներուն ծիրէն, տունէ տուն, գերդաստանէ գերդաստան, պատահարնե՜ր, այլապէս ահաւոր, որոնք ետ եղած նշանի մը համար յիսուն կնիկ իրարու կը ճակատեն կամ մէրանցը տունը ճամբու դրուած ծակ-պտուկի մը համար հարիւր երիտասարդ դանակի կը կանչեն։ Մարդիկ կ՚երգէին նոր զոհերը, առատ հեգնութեամբ, անխնայ հարուածելով փոքր այս միջոցներուն ու դերերուն հանդէսը, բայց մտովի ոգեկոչելով ու ապրելով հիներուն վաղընջաւոր ու սրտառուչ բանաստեղծութիւնը։ Ու ծոցի՜ պատմութիւններ, ուր առնուազն կանգուննոց դանակի ն տեղ տխեղծ ու արդիացած հայհոյանքը կը ծանծաղի, ա՛ն՝ որ բռնի կու գայ։ Կու գայ բերնէդ, ոչ թէ աղիքներէդ, ինչպէս կը տրուէր մեզի տեսնել պատկառելի ծերերու դիմաց, երբ անոնք իրենց երիտասարդութիւնը շինած ատեն մեր առջին, չէին կրնար դրուագ մը հանել անցեալէն, առանց զայն օծելու անոր ջուրին մէջ։ Ու ազգապիղծ տ ռիփը, ա՛ն՝ որուն դէմ երկինքն ու երկիրը իրարու կը խառնեն իրենց շանթը, խորվելու համար «մոխրանալիք ամօթոյքը», եւ ուր անասնութիւնը, ինչպէս ապուշութիւնը, սիֆիլիսը, ինչպէս խենթութիւնը իրարու կ՚աւելնան պապերնուն ճամբաներէն ու իրենց երակներէն։ Ու գունաւոր, քիչ մը ուռած դրուագներ, քաղաքին ու գեղին մասնաւոր համերովը, ճարուած՝ պոլսամերձ գեղերէ, ուր սպասուհիի մարձումն ու դարպաս ը քիչ-քիչ շահու աղբիւր, ապրուստի ձեւ, եւ ատկէ՝ բարքերու գիծ կը դառնան։ Էրկանը հետ երկու կռիւէ ետքը կղզիներուն շոգենաւով Պոլիս փախուստ մը, ստնտուի, ծառայի եւ ուրիշ պիտակներու տակ Պոլիս ըրած ու դռնապանութեան ու լուացքի ու սրբիչի ճամբաներուն վրայ հաստկեկ աղաներու հաստկեկ մարմինները սորված ու իրենց ծերութիւնը իրենց գեղէն բերած կիներու շարան մը գեղը, գեղերը մօտ էր փոխելու։ Ու աւելցուցէք նոր ախտաւորումներ։ Աշխատա՛նքը՝ ճամբայ դէպի բոզութիւն։ Նոր հաստատուած խոզակի մանարաններ, իրենց խիտ ու անսպառ գէջութեան մէջ կը խմբէին հարսներն ու կիները տասնվեցժամեայ աշխատանքի տ աժանքին, որուն արդիւնքը յաճախ անկշիռ գինովի մը օղին կը ճարէր, բայց որուն վրէժը հարսները կը հանէին իրենց էրիկներէն, իրենց արգանդները լայնօրէն բանալով հեշտանքի ջուրին, գործատէրին, չորպաճիին կամ աս ո ր տղոցը խողովակներէն։ Աշխատա՛նքը՝ ճամբայ դէպի բոզութիւն։ Ուրիշ կերպ բացատրելի չէր հարսներու սա ինքնալքումը ` առանց սպասումի, առանց սիրոյ, առանց զայրոյթի, գործարանին մէջ հանդիպուած արուին ծոցը։ Գուցէ նիւթական սպառումին իբր հակադարձ արբշռանքը ասիկա՛, փախստեայ, խեղճ, արագ, ոտքի, կամ նոյնիսկ աչքէ միայն աչք, որ կը բռնանար անոնց գանակոծ, հիւծուած զգայարանքներուն եւ յոգնութեան մը պէս կը խորտակէր անոնց մէջ դարաւոր ամօթ ը, խպնիլը։ Ու անոնք կը թաթխէին, ցամաք հացով բռնուած այդ ահաւոր, գաղջ, խա շ ած ամառուան օրը, ճիշդ տասն վ եց ժամ, հաճոյքին աւազանը եւ իր լրումին, իր անպատասխանատու հեղումին, ուրիշ մը ըսէր պիտի՝ հեղեղումին՝ կը տանէին սանձազերծումի մեր հզօրագոյն կիրքին։ Հոդ էր, որ մեր աղջիկները սորվեցան անպատմելի դեղնութիւնը իրենց երազին, զոր մեղքին ժանգը արդէն կը կրծէր այդքան կանուխէն, մեծերու ճակատներէն ու աչքերէն ցոյցի դրուած։ Դրա՞մը։ Անշուշտ, բայց կողմնակի, միայն ու միայն ծակ-պտուկներու ողբերգութիւնը շեղելու կամ չէզոքելու։ Այրե՜րը, մամածակ ու յիմար։ Կ՚ուզէ՞ք տակաւին։ Անկարելի, գայթակղալից խնամութիւններ, որոնք դժուար քալելիք մեղքի մը ակօս ու պատգարակ կը ճարեն եւ աղջիկնութեան մեղքերը հարսնութեան ծիածանէն կը գեղազարդեն։ Պաշտօնական կաւատութիւն, ասիկա՛, զոր սորվեցան թուրքերէն։ Կնիկէ՝ քենին, նոյն ճամբով, ուր երբեմն ուժը, յաճախ դրամը, աւելի յաճախ վարժութիւնը կը ծռեն կիները, նուրբ կամ վայրագ, խենթ կամ սմսեղուկ ` նայելով անկողինին, ուր կը յանգի ճամբան։ Ու հարսէ հարս պղտոր ու ցեխոտ կապեր, անըմբռնելի ու տխրօրէն իրաւ։ Կ՚ուզէ՞ք տակաւին։ Իրենց աղջիկները պահպանակ, անկարգել ըրած թարմատի մայրեր, հարուստ տուներէ, որոնք մուշտակին ու ոսկիին մէջ ճարտար կը փաթթեն իրենց ամօթը եւ իրենց փեսացուներուն առնութիւնը անյագ ու վայրագ փաղաղումով մը կը նախավայլեն, մինչ իրենց սպասուած կամ չէզոք, կամ այլախնդիր այրերը քաղքի բոզերուն ծոցը կը քամեն դեղնութիւնը իրենց քսակներուն եւ ճերմակութիւնը իրենց սերմին։ Մայրեր, որոնք ա՛լ հարս իրենց աղջիկները իբր խայծ կը գործածեն աւելի պզտիկ քոյրերու կամ իրենց հաշուոյն։ Ու պէտք չէ կենալ։ Վասնզի զգայարանքներու այս տապլտուկը գէջ ու հզօր կիրքերուն խորը չէր մեկներ միայն սեռային դաշտերէն։ Պարզ, դրամի գռեհիկ ցոլքը բաւ էր երբեմն աչքերը խտղտելու է՛ն ամուր հարսներուն։ Ջրհեղեղէն չէ, որ կը խօսիմ։ Այս ամէնը՝ այն գեղին մէջ, որ երեսուն տարի առաջ իր կոյր ու խուլ աղջիկներն անգամ անարժան կը դասէր քիչ մը հարաւ, մեկուսացած ուրիշ գեղի մը, թուրքերու մէջ կորսուած, առնելով անոնցմէ սեռային ախտաւոր արձակութի՜ւն։ Այս ամէնուն ցուցմունքովն էր, որ ինկած էր սիրային պատահումներուն կրակի եւ արիւնի համը։ Հիմա դանակը դժուար կը շարժէր կնիկի համար։ Ու շատցան՝ գժտուած, խռով էրիկները։ Բայց աւելի շատ՝ միջնորդները, որոնք խերուն, շահուն, երբեմն դրամի եւ ուրիշ հաշիւներու ասեղովը կը գործէին, մէրանցը տունը ապաստանած կինը առօք-փառօք «ամուսնական փարախը» առաջնորդելու ու կը մարէին չարը, քանի մը բերան կաղ երգերու հեգնութեամբը։ Սիրային տրամը, որ անցեալին մէջ անողոք, անճողոպրելի մահուան կը տանէր, վերածուած էր հասարակ, գրեթէ կնիկի գուպարի մը, զոր կը վարէին խնամիէ խնամի հարսներն ու ծերերը, կեսուրներն ու քեռկինները։… Կեանքին քարտէսներէն բոլոր այս փորձառութիւնները, որոնք ինկած ըլլալու էին Նալպանտենց հարսին նժարին մէջ, այցելեցի՞ն, սա պահուն, սա ծակը ապաստանա՜ծ զոյգին։ Հեռո՞ւ էր անոր միտքը բոլոր օրինակներէն, որոնք դէպքերուն իբր շուքը, արձագանգը կը քնանան մեր մէջ ու կ՚արթննան փոքր իսկ ղօղանջէ մը։ Այցելե՞ց իրեն սա պահին միւս երեսը փողոցին։ Եղբայրներուն միջամտութի՞ւնը։ Հաճի Աննային փեսանե՞րը։ Նալպանտենց ոհմա՞կը։ Իսրայէ՞լը։ Այո՜։ Աւելի՞ն։ Այսինքն՝ գալիքին խորութեանց մէջ ծուարած ցաւին, հարուածին կծի՞կը, որուն վրայ մահուան հեղուկը միայն ազդել կրնայ։ Փայլակ առ փայլակ, ասո՜նք, ո՛րը լիովին, ո՛րն ալ մասով, եկան ու անցան անոր մտքին հովիտներէն ` ընելով անոր հոգին խեղճ, յիմար, լքուն, խանդավառ, փոխն ի փոխ, յանգելու համար մարդկային ու հասկնալի միւս ծարաւին, որ ամէն սիրտի մէջ կը բաբախէ, ծարաւը աշխա ր հին պարզ, իրաւ, մօտ համերուն։ Բոլոր այդ կրակներուն, կործանումներուն, ածխացումներուն դէմ՝ որքան առատ սակայն միւսնե՜րը, միամիտ, մէկ երեսքով անհրդեհ հարսնութիւնները, որոնք տուները կը ծաղկաւորեն, կոկոն-կոկոն տղաքը կը շարեն սեմերուն ու օճախին խորհուրդը ծոցէ ծոց կ՚աւանդեն։ Էրկան մը սեմէն ներս կեանքը նորէն, պարզ, թերեւս քիչ, զոր կը հագնիս սակայն սեփական շապիկիդ նման եւ ոչ թէ ուրիշներու վայելումին համար իբր մուշտակ մը՝ նետած ուսերուդ, փոխ ու օտար։ Գերեզմա՞ն։ Անշո՛ւշտ։ Ու կը նայէր անիկա իր փոսին հեռանկարին մէջ, առանց վախի, գուցէ շատ հեռուէն շրջագծուած բաներուն այլուրութեան մէջ շփոթելով հողն ու արգանդը։ Թուլացո՞ւմ։ Ջլատո՞ւմ։ Պիտի կոխէ՞ր ան տունը ոտք։ Ի՛նչ թշուառ հէնք է մեր սիրտին կտաւը։ Դէմի տունին մէկ պատուհանէն ուր ո ւացաւ պառաւի դէմք մը։ Քովնտի բռնուած՝ ճրագին մէջ, անոր գիծերը խռուային ու տգեղ սարսափ մը կը յօրինէին, ահաւոր օտարութեամբ մը կեանքէն։ Եղա՞ծ էր, կրնա՞ր ըլլալ, երբեւիցէ ժպիտի ծալք մը, թերթ մը այդ աւերակոյտին մէկ ճեղքին։ Ո՞վ մտքէն կ՚անցընէ պառաւի մը վրայ գտնել ի՛նչ որ եղած է անիկա կէս դար մը առաջ։ Լաչակին մէկ ճեղքէն աղտոտ ճերմակը անոր մազերուն մոխրացած միսի մը պատկերն ու գարշանքը կը թելադրէր։ Ինչո՞ւ անհանդուրժելի է ծերը։ Զարհուրելի էր տգեղութեան, փտումի սա աստիճանը։ Պառաւը նայեցաւ չեղած իր նայուածքը։ Անոր յօնքերը, դուրսէն դ րուած փունջ մը մազերու, կը ծածկէին կոպը, կը խղդէին նայուածքին գիծը։ Ան անհետացաւ ու մեռա՜ւ։ Ալ ո՜վ պիտի բերէր սա տղաքը սա ծակին։ Երկուքն ալ մինչեւ իրենց ողնայարին առուակը սառոյցներ զգացին։ Ո՞վ էր հեղինակը այս անպարագիծ ոճիրին, որ այդ քսանամեայ աղջիկը բերեր էր սա աղբացումին։ Հո՞դ, հո՞դ պիտի երթար Նալպանտենց Աղուորը։ Ի՜նչ սրտագին վախով անիկա սեղմեց անոր ափը, կարծես ետ քաշելու համար կախարդ սա կինը կախարդ այդ զառիթափէն։ Հո՞դ։ Եւ որո՞ւ կողքին։ Զզուանքը երբեմն ուժ մըն է։ Ասղնտեցին անոր պուկը ու թուքը պոռթկաց։ Կ ՚ ամչնար մտածումէն։ Բայց չկրցաւ չըսել՝

-Կռնակդ կեցեր եմ։

Ծառայի մը բերնէն՝ որուն հայրենի տունը շաբաթներով պարապ կը մնայ հացին տախտակը, ծիծաղելի, յիմար, բայց սրտառուչ այս վստահութիւնը։ Ըսաւ ու հանգչած էր անոր գարշանքը։ Բայց վարակիչ ալ։ Կը զգանք ատիկա անմիջական հաղորդումով ու կը կշռենք։ Լաւատես, պարզամիտ, սրտաբաց մարդերը արհամարհելի չեն որքան ատեն, որ իրենց այդ զգայարանքը իբր արհեստ չեն գործածեր։ Որո՞ւ կռնակը կրնար կենալ ան, որ իր ոտքերուն ալ տէրը չէր։ Բայց ինչո՞ւ կը հաւատար անոր Նալպանտենց հարսը։ Կ՚ըլլայ այս իւ ր ացումը վտանգին հետ, դէմ, երբ մինչեւ այդ կէտը մեզի մէկ երեսով ներկայացող վիճակի մը յանկարծակի, եղելութեանց ճնշումով, կը խախտի իր այսպէս ըսելու համար հիւլէական բաղադրումին խորքերէն, կը փոփոխէ ասոնք ` կերպաւորելով նոր կազմի, անակնկալ ճարտարապետութեան մը կնիքով ու կը ծաւալի, կը խորանայ ` ձեւելով նոր երես, նոր ճակատ։ Գռեհիկ ու անարի մեղքէն սկիզբ կ՚առնէր նոր շաղախումը, որ՝ ի հեճուկս բոլոր կարելիութեանց՝ իրարմէ հեռու դրուած սա կեանքերը կը զերծէր իրենց արտաքնայարդար կարգուսարքէն, փաթաթներէն ու կը կաղապարէր, կը տնօրինէր նոր երկանաքարին համար բախտին կամ դժբախտութեան։ Կը խորհէի՞ն։ Իրողութիւն էր, որ կ՚անգիտանային բոլոր օրէնքները, մա՛նաւանդ Նալպանտենց Սերոբը։ Զիրենք հասուն ընող տա՞րրը։ Բայց քաղաքներուն արկածախնդիր դպրոցականը ու գեղին տարփաւոր պատանին նոյն կեցուածքը չունին զգացական պատրանքին դէմ։ Ինչ որ առաջինին համար հաճելի եւ անլուրջ ժամանց մըն է, մարմինին կարգ մը մասերը շահագրգռող, երկրորդին համար կը դառնայ կեանքի եւ մահուան առեղծուած մը։ Անգամ մը, որ գեղացիին արիւնը զառածի իր հունէն, դժուար կը դառնայ իր ակին։ Սեռային դաշտին մէջ ան պիտի քալէ միշտ իր պապերուն ակօսէն։ Այս է պատճառը, որ գեղի մեղքերուն քիչը գայ այդ ակօսէն։ Կնիկէ կնիկ անցնող ը միշտ երիտասարդը չէ։ Այս է պատճառը, որ պատանիները ըլլան այնքան հարուստ։ Ու ի՜նչ չափով հաշուել հարստութիւնը, որ սրտինն է։ Մենք բոլորս ունինք, ունեցեր ենք այդ սխրալի չափը, բայց ոչ միշտ՝ առիթը զայն չգործածելու, գուցէ անոր համար, որ խարդախութիւնն ու շիտակ առուտուրը, նոյնիսկ սիրտին շտեմարաններէն՝ վարժուած ենք նոյն գիծով տեսնելու։ Մինչեւ մօրը վերադարձը, անոնք, քիչ ու պզտիկ բառերով, ընդհանրապէս միավանկ, հարց ու պատասխան նոյն ատեն, իրարու երկարեցին ու հիւսեցին առէջները իրենց հոգիներուն։ Մթի՜ն այս շաղապատումը, որով կ՚աշխատի սեռին սլաքը։ Սեռէն անդին այս իրերահոսումը դերը ունի յաճախ՝ զգայարանքներու տուրքը զտելու եւ բիւրեղացման ընդունակ ընծայելու հաստ ու պղտոր զգացումը, որ անկողինի առաջին տարին գռեհիկ կ՚ընէ մարդը։ Թերեւս այս է պատճառը, որ բարեկամութիւնը ըլլայ աւելի յստակ, հակառակ աւելի խոր ըլլալուն։ Հակադիր սեռերէ միամտութիւն պիտի ըլլար սիրոյ այս ձեւը փնտռել։ Բայց մարմինէ մարմին հաստ կապն ալ չի բացատրեր ամէն բան։ Իրար ճանչնա՞լ։ Բայց ի ՛ նչ պէտք ատոր։ Գեղացին այդպէս պահանջի մը կասկածն իսկ չունի։ Առաջին անկողինը կը կոտրէ զօրաւոր սառոյցը։ Ու ջուրին մէջ ձուկերը երբ իրար չեն ուտեր, իրար չեն ալ հոտուըտար։ …Անոնք իրարու մօտ էին, հիմա, քան որեւէ ատեն։ Էրիկի տեղ անոր շուքովը կշտացող, ինքզինքը ըլլալու, արեւ տեսնելու անկարող, քանի որ նուաճուած էր կեսրոջը շուքէն, Նալպանտենց հարսը մոռցա՞ծ, թէ երբեք չէր ճանչցած արձակութիւնը աշխարհին։ Իր մօրը տունէն էրկանը տունը ճամբու դրուած՝ անիկա պահած էր անվարժութիւնը, որ յատուկ է գեղին հարսներուն։ Անոնք պիտի ծերանան ` քիչիկ մը անձնականութիւն, հեղինակութիւն ճարելու համար։ Մինչեւ այդ անկիւնադարձը անոնց արգիլուած է ինքնացումը։ Ի՜նչ սարսռոտ բանով մը ան կը հաստատէր իր մէջը, շուրջը յստակ վստահութիւնը, որ կ՚ամրանար փոխադարձ աճումով։ Ու խառնակ ու լպրծուն նիւթէն, որ պատանիին մարմինն է ու պուպրիկի մը, սուտ բանի մը համը միայն ունի հարսներուն ծոցը՝ ան կը տեսնէր յառնումը վճռական տեսիլքին, արիւնը խենթ ու արի երիտասարդին։ Անկէ անդի՞ն։ Այսինքն՝ ինչ որ կիները փնտռեցին իրենց տարփածուներէն։ Բայց եթէ խմորը նոյնն է գեղին ու քաղաքին մէջ, նոյնը չէ ոճը, ճարտարապետութիւնը։ Փնտռեցէք բոլոր շեղումները։ Պիտի իյնաք մէկ-երկու հիմնական զսպանակներու, որոնք կշիռ չունին գեղին համար։ Միշտ ողբերգութիւն մը կը հսկէ սիրային պատահարին ծագման ու գնացքին։ Իրար սիրելը իմաստի չի հասնիր բուն սիրոյ տարիքին։ Ամուսնութիւնը այն ջրակոյտն է, ուր դատապարտուած են հոսելու եւ ջնջուելու սիրոյ բոլոր առուները։ Իրաւ է, թէ քաղաքներուն մէջ ամուսնութիւնը երբեմն կը նմանի ծանծաղուտի մը, զոր կտրել-անցնելու մտահոգութիւնը չի նեղեր իսկ ամոլը։ Ու փռուեցան անոնք մօրուտքին։ …Կիները փնտռեցին գուցէ կեանքէն աւելին, երբ ճամբայ ինկան։ Անոնք պիտի չհասկնան։ Բայց պիտի քալեն։ Գեղացին կորսուած է այն օրէն, երբ կը դատէ իր քայլը։ Քաղքենին չի վախնար ետ դառնալէ ու կը սկսի նոր ճամբաներ, նոյնիսկ ծանծաղուտին թշուառութեանը մէջ։ Գիտէ՞ր Նալպանտենց հար ս ը, որ եղեր էր քաղաք, բայց չէր շփուած անոր կիներուն, թէ ինչպէս ասոնք ալ իրեն պէս ջիղերով կը մտածէին։

Կեա՛նքը՝ իր բուսական կողմէն առնուած, պարզ ու միօրինակ երեւոյթ մըն է, զոր կը յօրինեն չափուած, իրերանման, յիմար կամ խելօք բաներ։ Գեղացին զայն պարտաւոր է ապրելու եւ սպառելու, ինչպէս ընէ պիտի ատիկա իր ձեւով, օրինակի մը համար, իր ախոռի ջորին, պարտքի մը պէս, որուն անփոյթ, լայնաձեռն, բայց անողոք պահանջատէրը ըսես կը մոռնայ երեւալ ու մեզ կը ձգէ անհոգ ծամելու մեր լեղին կամ մեր շաքարը ու վայրագ շնականութեամբ կը ներկայանայ, թուղթը ձեռքը, գիծը քաշած գումարին տակէն ու լիրբ, մենք՝ որ չենք սպաս ե ր։ Ինչ որ աւելի մեծ կեդ ր ոններու մէջ կու գայ առաջին փլանի, յաճախ գերադաս դիրքի, դրամի, զարգացման, զբաղումներու, ժառանգական տուրքերու եւ դեռ ուրիշ հարիւրաւոր նկատումներու խառնիճաղանճ աղիւսակը գեղին համար պարզագոյն հաստատումներու հանգոյց մըն է։ Նալպանտենց հարսը էրիկը ինքը չընտրեց եւ չունի այդ սխալին այրուցքը։ Բայց նոյն այդ գեղին մէջ, թիւով քիչ, բայց եղերօրէն ստոյգ հարսներ են եղած, որոնք իրենց էրիկին քովէն մեղաւոր կամ անմեղ, կիները չհարցուցին երբեք պատճառը զայն խաբելու ատեննին իրենց սիրածը զատելու ատեն փնտռեցին ասոր վրայ, ամէնէն շատ ու առաջ՝ էրիկմարդը յայտարարող փաստեր, դուք հասկցէք քիչ լայնքով՝ սեռը, բայց մեծ լայնքով՝ բազուկ ու սիրտ, իրենց էրիկները խղդելու գործին մէջ իրենց օգնական կենալու։ Կեանքը ունի այս դրուագներն ալ, որոնք կը խօսին ի նպաստ կիներուն, բայց հետզհետէ կը ցանցառին ` ազդուելով ընդհանուր թուլացումէն, երբ մեղքը ինկած է քիչ մը հասարակաց աղեղէն։ Ու ոճիրը սիրոյ ճամբով իբր ծրագրուած, հասունցած, բարդ կառոյցով գործողութիւն, արդիւնք էր հին կիներուն արդար պապակին։ (Անոնք, իմ օրերուս, իրենց ծարաւէն քիչ կը տառապէին)։ Անգթութիւնը ցերեկեայ զգացում մըն է ` ցուցամոլ ու ազազուն։ Անկողինին մէջ միայն ան կը դառնայ իր իմաստին, երբ կը խղդէ կամ կը խողխողէ։ Ու կիները ճարտար են միշտ, իրենց զգայութեանց տախտակները, ածուները այլապէս գեղազարդելու, քողաւորելու։ Նալպանտենց հա՜րսը եւ ոճիրը։ Բայց մի աճապարէք։ Ոչ ոք մենէ պիտի յօժարէր սեւ տեսնել իր սիրտը ժամանակէն առաջ։ Ոճրագործը գեղեցիկ է ոճիրէն առաջ, թէեւ երազող կենդանիի մը նման ներսէն կ՚ապրի եւ իր վայրագութիւնը մշուշով կը պատնեւորէ։ Ոճիրէն ետքն է, որ կը թանձրանայ, կ՚անբանանայ։ Մենէ շատ քիչեր բախտին կը լքեն մեզ խորապէս շահագրգռող ու լոյսին ելլելէ վախցող յուզումներ։ Կը մորթենք, հոգ չէ թէ՝ երազ, պատկեր, կամ մեր իսկ անկարողութեան մագաղաթները։ Ահա թէ ինչու անոր մտքին մէջ մարմին եղաւ կայտառ այն երիտասարդը, որ ամիս մը առաջ բռնի այդպէս էին դատած մտեր էր Շահարենց Շահրուկին ծոցը խաղցուկ, աղուոր, աչքով կնիկ , պուկը լաթ թխմած անոր էրիկին, կապած ոտքերն ու ձեռքերը ու յետոյ հանդարտ պառկած կնոջը ծոցը ` սպառնալով սպաննել, երբ կապուողը փորձէր պոռալ, աղմկել կամ, նո՛յնիսկ աչքերը գոցել՝ տեսարանին։ Յետոյ լուսադէմ՝ ելած, քակած, պատուիրած ու իջած վար։ Յետոյ՝ գայթակղութիւնը։ Ո՞վ էր առած տղան ներս։ Բայց այս ոճիրին երեսէն էրկանը տունէն ճամբու դրուած կինը թէ՛ ժամուն օտան, թէ՛ դատարանին առջեւ մատնած չէր երիտասարդը։ Դէպքը ահագին աղմուկ ու ծիծաղ առաջ բերաւ։ Ու կինը հիմա մօր տունն էր ` մերժելով միջնորդները, յամառելով չերթալու զզուելի իր մարդուն։ Ինչո՞ւ սա պատկերը՝ սա պահուն, Նալպանտենց հարսին մէջը։ Ոչ ոք թող հպարտանայ գիտնալ կարծելով մեր սրտին ու, մա՛նաւանդ՝ մտքին մեծ օրէնքները։ Ասոնք բանաձեւողները թուղթերու դէմ է, որ իրաւունք ունին։ Ու սուտ են, երբ կը դատեն կամ կը վարձատրեն։ Կային այս բարքերը շատ առաջ։ Կային իմ օրերուս։ Կային նոյնիսկ տ ար ագրութենէն քիչ առաջ։ Ու դ իտեցէք զանոնք պատշաճ լրջութեամբ, վասնզի հակառակ իրենց վայրագութեան, դալուկ բանի մը կը վերածուին անոնք, երբ մօտեցուին արքունիքներու ազնուապետական տուներու, քաղքենի կարգերու մէջ այնքան նրբացուած, ջերմանոցուած ոճիրներուն։ Գուցէ աւելորդ նկատուին այս զառածումները, բացառիկ այս բուսաւորումները մեր մտքին դաշտերուն վրայ։ Բայց ինչ որ տարտղնուած փունջը կը զատէ պսակէն ուրիշ բան չէ ուղեղը, որ իրականութեան ծաղիկները դասաւորել գիտէ յաճախ փոքր կապ մըն է միայն։ Մարդիկ կը մտածեն, մտքէն կը տեսնեն դեռ անյայտ օրէնքներով։ Ու կային այս պատկերները Նալպանտենց հարսին մէջ։ Աւելի կարեւոր հաստատում մըն էր դարձեալ, անհամար, Սողոմէն հոսած անպարագիծ պապակը, գիրքերու բառով՝ տոչորագին, ճենճերուն, մխացող ծորումը, սանկ կիսավառ մշուշի մը պէս, որ աչքերուն մէջ տարտամ արիւն մը ու շրթունքին վրայ «թրթռում» մը կ՚ըլլայ։ Որմէ կիները ունին այնքան ախորժ։ Որ կը տպաւորէ կինը, անվրէպ, սէրէն անդին խանդաղատ ու սրտառուչ պատրանք, հաւասարապէս հզօր կնոջ՝ ինչպէս երիտասարդին մօտ։ Ա՛ն՝ որ կը մեկնէ առեղծուածը Կղէոպատրաներուն եւ Տոն Ժուաններուն։… Ու ինչ որ պատրաստուած էր այնքան թաքուն աղբիւրներէ, շաբթուան մը ծոցով, այնքան մռայլ յուշքերու եւ արիւնոտ տեսիլքներու ճամբով, կը վերածուէր ահա իր իմաստին։ Զանոնք իրարու ծոցին մէջ իսկ իրարու օտար ընող փուշերը, կեղեւները կը թափէին անոնց հոգիներէն եւ մաքուր, խորանային բան մը կ՚ըլլար անոնց «սրտին տունը» ` գործածելու համար ժողովրդական պատկեր մը։ Ու անոնց մարմինէն շատ անդիներէն տեղի կ՚ունենար այս միակտուր ինքնացումը, սա գիշերասկիզբին։ Թող երդում ընէր կրկին Նալպանտենց հարսը, ոտք չդնելու էրկանը տունը, ան սուտ խօսած պիտի չըլլար, եթէ քիչ ետքը դառնար հոն, Սողոմին կուշտին։ Անիկա չէր կրնար չերթալ Սողոմենց Սողոմին ետեւէն, շաբաթ մը առաջ օտար, շուք, հիմա անոր գոյութեան գերագոյն արե՜ւը։ Չէր կրնար չերթալ ո՛ւր որ ալ տանէր, քաշէր սա երիտասարդը։ Խելքին տե՞ղը այս յեղաշրջումին մէջ։ Բայց ո՞վ մտիկ ըրաւ իր խելքին, երբ անգամ մը խորտակեց անոր կապանքները։ Ո՞վ կեցաւ կէս ճամբան, երբ պարագաները զինքը դրին ծաղկազարդ զառիթափին, որ կ՚իջնէ ոչ ոք գիտէ ո՛ւր, անդո՞ւնդ, թէ հովիտ։ Խելքին տե՞ղը։ Թող ատիկա զատեն ու գտնեն խելացիները, որոնք գրահաշուական հաւասարութեան մը ձեւով կը յաւակնին իրարու յարաբերել մեր սիրտերը։ Ո՞վ, ո՞րն է խենթը։ Ա՞ն՝ որ մէկ բռունցքով կը փլէ փցուն ոստայնը, զոր այնքան յաւակնոտ ու ծիծաղելի վերա դ իրներով կը ջանանք ազնուացնել ու քաղաքակրթութիւն կ՚անուանենք ` բերաննիս փաչատելով, թէ միւսը, որ իր հոգիին ծակերը, կեղերը կը պարուրէ նոյն այդ ոստայնով ու իր աղբովը կը սնանի։ Ո՞րն է մա՛նաւանդ իմաստո՜ւնը։ Թող իջնէ անիկա կրկէսը սիրոյ ` իր ուժերը չափելու։ Ու, մա՛նաւանդ՝ շատ, մեծ, բարձր չխօսի, երբ ինքզինքը չէ գառագեղած, առնուազն չէ մալած։ Գեղ, քաղաք, պալատ ու խրճիթ հոմանիշ են իրարու, երբ տեսարան կը հանդիսանան այս գուպարին։ Թագուոր ու հովիւ։ Արքայադուստրը եւ գոնջ տղան հեքիաթին։ Ու վա՜յը անոր, որ կ՚ուրանայ այս ճշմարտութիւնը։ Անոնք իրարու շղթայուած էին ճակատագրին անութէն։ Երբ մայրը, տղան՝ Օհան ը, մտան ներս սենեակէն, ճօրճօրուն ու հեռու, գտան երկուքը քով քովի, հանդարտ, վճռական ու իրաւ։

Շատ չխօսեցան անոնք։ Մօրը պարտուած արցունքը, շաքար բերան Օհաննէսը, իր բառերուն պարզ, հասուն թշուառութեամբը, մարդեր կան, որոնք երբ շրթունք բանան, մեր ողբերգութիւնը քանի մը շեշտի կը թափեն մեր առջին ու կը զգետնեն մեր կամակորութիւնները։ Կիներու մօտ գուցէ սեռային պատմուճան մըն են այդ բառերը, շեշտը էգ ու թափանցիկ, բայց այրերո՞ւ մօտ։ Սողոմը, որ նայուածք էր միայն, պաղատագին ու հալած, ու դեռ ով գիտէ ի՜նչ խորութիւններէ փրթած հեծքեր ու մղումներ իրարու աւելցան։ Ոտքի էր Նալպանտենց հարսը։ Ինկա՞ծ՝ անոր գաղտնիքը, մէրանցը տունին։ Նայեցաւ, տարտամ, բայց խուզարկու աղբօրը աչքերուն, ոչինչ՝ քան անոնց ընտանի, համակերպուն, կեանքը մեզի չափուածին պէս ընդունելու եւ աղալու յօժար անուշութիւնը։ Կոտրեցաւ անիկա, խորունկ հեռուէ մը։ Դառնացում։ Չէ՞ որ նոյն արիւնը կը թաւալէր նաեւ իր միսերուն մէջ։ Չէ՞ որ այսպէս ապրած ըլլալու էր այդ արիւնը դարերու գնով։ Անիկա կ՚անգիտանար Սողոմը եւ անոր զարտուղումը։ Ու տունէ տուն դէմքի մը պէս ընթացիկ էր տունէ տուն հոգին ալ։ Ուզեց կենալ, այսինքն՝ չքալել։ Բայց իր ոտքերը կ՚երթային։ Բայց իր սրունքները կը նմանէին անծայր ալիքներու սիւներուն, որոնք ելլէին իրենց պառկուկ դիրքէն, ցցուէին իրենց պոչն ի վեր (պատկերը կու գար սիրուող ու իրերահիւս օձերէ) բայց կոխէին իր սրտին։ Չիյնալու համար՝ կամացուկ մը բռնեց դուռին թեւը, որ հրէշային ծղրիդի մը նման հեծկլտաց խոր ու տխուր։ Սի՞րտ, թէ խելք ունէր հինաւուրց տախտակը ` զգալու համար մատին կշիռը, որ դպաւ իրեն։ Սրահ։ Անոր վրայ, իբր դուրսէն բան մը կարելի էր տեսնել Նալպանտենց տունը, անոր առագաստի սենեակը, ալն ու ադլասը, հինգ տարիները, թանձրացած, կշիռքի ելած։ Ու անոնց բեռին տակ անոր քալուածքը կ՚ըլլար դողդոջ ու տարօրինակ։ Փնտռեց ինքզինքը, թօթուած էր ուսերը մղձաւանջէն։ Աչքին փռուեցաւ վերջին օրը, առտուն, ուրկէ առեր էին զինքը, քողաւոր ու հարս։ Աղքատիկ այս երդիքէն դէպի ոսկիի եւ մետաքսի տու փ Նալպանտենց տունը ի՜նչ թեւերով թռեր էր ան…։ Բռնեց նոյն բազրիքը, որուն կռթնելով ան իջած էր հարսանեկան սանդուխը։ Ողորկ ու մարդկայի՜ն, այդ կտորը, որ աւելի կը դիմանար, քան սիւնակները մեր միսերուն։ Կը քալէ՞ր։ Անոր ետեւէն, իբր շուքը՝ կապուած անոր փէշերուն, օդն իսկ նախանձելով իրենց մարմիններուն մէջտեղ, Սողո՛մը, մանկացած, տարուած, անգոյ ուրիշ ամէն բանի դէմ, որ Նալպանտենց Աղուորը չըլլայ։ Ձեռքերը գօտիին խորը դաշոյնի գլխուն։ Այսպէս կը քալէին նորերը, յաղթական կռիւէ մը դարձին։ Կը հասկնա՞ր հանդիսաւոր ու դողահար այս գնացքին ծանրութիւնը։ Բակին մէջ շունը, որուն մանկութիւնը անցեր էր Աղուորին մատներէն։ Լզեց անիկա ոտքերը Նալպանտենց հարսին, որ վարանեցաւ։ Մտքին մէջ բացուած էր իր անկողինը ` կրկնելով խոնաւութեան նոյներանգ զգայութիւն մը, որ արթննալով շ ունին շրթներէն կը բարձրանար մինչեւ Նալպանտենց Սերոբը։ Փախչելու համար այս պատկերին աղէն, ետ ըրաւ գլուխը։ Սողոմին աչքե՞րը՝ փոքր լոյսին շատ մօտիկ, որոնք արիւնի գնդակներու պէս, ցցուա՛ծ, եղան մեղմ, յանկարծակի եւ երկարեցան, բաշխուող ու չհատնող կնդրուկի գունճ ի 7 մը պէս, մինչեւ սիրտին վար, վար սահման ն երը, հո՛ն՝ ուր կը քաշուի մեր անձին անձը։ Ո՞ւր՝ այսպէս, սա «մատ մը տղան», տղուն հետ՝ ինչպէս կ՚որակէին մայրերը իրենց երիտասարդ տղաքը, երբ խաբուէին կնիկներուն դաւերէն։ Բայց սեմէն դուրս էր ալ։ Ամչցա՞ւ։ Բայց քրտինք զգաց ափերէն։ Ետ նայելո՜ւն։ Աղբա ր ը հազացեր էր խոշոր ու արդար հազ մը։ Փողոցը՝ աւելի ամայի։ Տուներուն տեղ կիսկատար սեւութիւն մը, պղտոր՝ լոյսի կաթնացումէ մը, որ պատուհաններու բացուածքը կը նետէր, մութն ի վար։ Այս ուրուայնութեան ծո՞ցն էր, որ քաշուած, նահանջած էին մարդոց հոգերը, լրբութիւնը, փոքրութիւնը եւ հաճոյքները։ Հո՞դ էր, որ պիտի սկսէր, կամ սկսած էր արդէն մարդերէն յիմար, միակ կարելի հրախաղութիւնը, որով կեանքը կը ցրցքնուէր արգանդներու կիրճին, կոյր, անիմաստ, բայց անդիմադրելի։ Յանկարծ փորէն՝ բարակ բաներ։ Ցա՞ւ։ Չէր կրնար ճշդել։ Քալելու կշռոյթին կապուած շատնալ մը, բա՛ն մը՝ որով մեր մեծութիւնը կը պղտորի, բայց ոչինչ կը տեսնենք։ Ձա՞յն մը, ազդարարութի՞ւն մը։ Սրբեց անիկա իր փորին յուզումը, ձեռքով ը …։ Անիկա կը դառնար էրկանը տունը ` խնայելու համար շատ մը բաներու, որոնց խելամուտ չէր բոլորովին։ Կը դառնար յստակ, ի խնդիր զգայութիւններու, որոնք կը գծուէին, կը թռէին անոր մարմինին կարգ մը անկիւնակապերէն ու կամարումներէն։ Կը դառնար սպասելու։ Ի՞նչ բանի։ Ինքն ալ լաւ չէր գիտեր։

Անոր կը հետեւէին մայրն ու աղբարը, պզտիկ հեռաւորութեամբ մը։ Գեղը՝ աւելի տարտամ, հետզհետէ ջնջուող, մութէն կրծուած ու մարսուած, իր երկարումին մէջ ինքզինքը քայքայելով։ Գինովներ, յապաղած, ծանօթ, հայհոյալից՝ բայց թշուառ։ Մտան Նալպանտենց թաղը։

Հոն դրացիներ, ե՛րբ կերած իրենց հացը, ու փութացած դուռներուն։ Քիչ առաջ, ի՜նչ անհանգիստ հետաքրքրութեամբ անոնք անցք տուեր էին Սերոբին, որ բարեւեց, կարճ ու նեղսիրտ, հսկողները եւ մտաւ ներս ` դուռը փակելով դասական գերանով։ Բայց ի՜նչ աւելի սարսռագին հետաքրքրութեամբ քիչ ետքն ալ անոնք հաստատեցին դարձը երկրորդ խումբին։ Անցան ասոնք ալ, սովորական բարեւով, որ երկարեցաւ ա՛լ հանդարտած յարկերն ի վեր, մարդոց գլուխէն։ Պէ՜տք է բարեւել, նոյնիսկ երբ համոզուած ես, որ դէմինիդ դուռ կը բանաս ձայնովդ քու մահուանդ։ Զարնուեցաւ դուռը։ Լռութիւն։ Ճռնչեց դուռը դանդաղ։ Հակառակ չորս աչք ըլլալնուն՝ դրացիները չկրցան ստուգել բացողին դէմքը, առանց լոյսի։ Գոցուեցաւ Նալպանտենց նշանաւոր պորտան, ու դռնառաջքին շինուեցաւ միապաղաղ մութը։ Ու տունը այդ մութին վրայ հաստախարիսխ նաւու մը կը նմանէր։ Եղան՝ որ յառաջացան, յիմար ու սողոսկուն, մինչեւ մօտերը անոր։ Բայց Նալպանտենց դուռը աշխարհ մը կը զատէր։ Ու անոր պատերը, քարուկիր, անողոք ու անճեղք։ Պատուհանները՝ զոյգ-զոյգ երկաթացանց պաշտպանուած։ Անօգուտ էր ականջ փակցնել հաստ տախտակներուն։ Անոնք եթէ չլսեցին, գոնէ վարձատրուեցան ` տեսնելով խար ղ ա ծ լոյս մը, որ զատուեցաւ դէպի ծառաներու ծանօթ բաժինը։ Քիչ ետքը, անոնց տառապած ու ծարաւ աչքերուն տրուեցաւ ուրիշ փոքր լոյս մըն ալ, վերի սենեակէն, որ շինուեցաւ ու իջաւ։ Բայց ճառագեց օճախով սենեակը։ Հարսանեկան հնօրեայ լամբն էր անիկա, բայց կոտրած, ըսես չէզ ո ք։ Այսպէս ուզեցին զգալ բարի դրացիները, լոյսին այս չկամութիւնը ստեղծելով տունէն, մեծ մասով՝ իրենցմէ։ Անոնք հանգչած էին, վասնզի իրերը կը մտնէին իրենց առերեւոյթ հունին կամ վերարկուին մէջ։ Յոգնած՝ վասնզի սա սպասման քանի մը քառորդը օրուան մը ծանրութիւն դիզած էր անոնց ջիղերուն։ Ամէն մարդ քաշուեցաւ իր անկողինը ` Նալպանտենց տունը յանձնելով մութին ու ճակատագրին։ «Խռովքը», ու գեղացին որոշ բան կը դնէ տարազին տակ, դիւրաւ չի դադրիր, ինչպէս մեծ շարժերը։

Ու ճակատագի՜րը Նալպանտենց տունին։

Պառաւը, բոլորովին թեթեւցած, ըսես երբեք ինկած չըլլար թաթին տակ անգութ ու արագահաս ցաւին, «սիրտի ցաւին», նստեցաւ իր անկողինին վրայ։ Ան ընդունած էր եկողները, թեթեւ շեշտ, հաճոյքէն դողացող մանկան մը նման ` աշխատելով մեղմել ամէնէն առաջ այդ մանկունակ զեղումը, յետոյ աղօտել «պատահած»ին ուժգնութիւնը։ Մա՛նաւանդ որոշ չափով մը վերցնել՝ խաւը տրտմութեան, դառնութեան եւ ամօթի, որով ծածկուած պարտ էին ըլլալ տախտակները՝ ինչպէս սիրտերը։ Ան չէր կասկածեր իր ուժերուն, որոնք միշտ չպա կ սեցան տագնապի պահերուն։ Հիմա՞։ Ան պիտի կամրջէր հսկայ փեռեկտումը, ու իր տունն էր հիմա, այր ու կնոջ մէջ՝ մէկ կողմէն, Սողոմին ու Սերոբին մէջ՝ երկրորդ կողմէն։ Ինչո՞ւ չխորհեցաւ իր ու Աղուորին յարաբերութեանց։ Բայց անիկա պարպուեցաւ իր վստահութենէն, զարմանալի արագութեամբ մը։ Մեր խօսքը կնիքին տակն է մեր ներքին ոլորտին։ Առատ ու պարզ է ան, երբ դուրսէն զինքը ընդունող ոլորտն ալ կ՚ըլլայ համասեռ։ Այլապէս մեր բառերը կը փախչին մեր ուղեղէն՝ կարծես գիտակից իրենց սպասող թշնամական տրամադրութեան։ Պառաւին նե՜րսը։ Ու սա մարդերը։ Հասան, զարմանալի արագութեամբ, ընթացիկ տարազները, որոնք պաշտօն ունին մթնոլորտին «պաղը կոտրելու» եւ հոգիէ հոգի առաջին լարերը լարելու։ Հարցումները կը բեկուէին իրենց մէջքէն ու կ՚իյնային գետին, պատասխանէն իսկ առաջ, նման ծերունիներու, որոնք վերելքի մը դէմ անոր մտածումէն իսկ կը յոգնին։ Քար, կապար, դուք հնարեցէք աւելի ուժգին բառ ` պատկերելու համար լռութիւնը։ Սարեկենց Օհանը, տարին հեղ մը, ան ալ «տաղաւարին» բերանը բացող մարդ, ծալապատիկ կը հանգչէր սա լռութեան վրայ՝ ինչպէս հաստ կոճ մը լճացած ջուրի մը երեսը։ Բայց անկարելի եղաւ խօսք հանել Սերոբին բերնէն, որ առանց մատ դպցնելու սեղանին, ափյափոյ, բայց հարուստի նորէն, ելաւ դուրս։ Անիկա կը սուզուէր իր տկարութեան խորը, անկանգնելի սա ամօթին խարազանը գլխուն։ Չէր կրցած աչքերուն նայիլ Սողոմին, որուն դէմ իր զգացածը անիկա դեռ չէր ունեցած իր ջիղերուն վրայ։ Չվերցաւ սակայն ճնշումը։ Խնամի Օհանը, հաստ մարդ, բնական գտաւ Սերոբին մեկնումը։ Հարուստներուն գործին ինք չէր, որ խելք հասցնէր պիտի։ Բայց, միւս կողմէ՝ ի զուր անցան հաճի Աննային բոլոր ջանքերը, գոնէ նիհարկեկ ասուլիս մը կանգուն պահելու։ Սերոբէն ետքը զգա՞ց ատիկա Սողոմն ալ։ Ելաւ դուրս։ Բայց ճնշումը մնաց նոյն իր ծանրութեամբ։ Ինչո՞ւ կը զգուշանային, կը վախնային նոյնիսկ, ձայնէն։ Ու սենեակը կը նմանէր շատ բաներու, ամէնէն քիչ՝ ապահով ու մտերիմ այն անկիւնին, ուր կը դիմես գլխուդ պահ դնելու, երբ դուրսը ձգեր ես երբեմն պատիւդ, երբեմն արիւնդ, երբեմն կեանքիդ ամբողջ իմաստը։ Փնտռե՞ց։ Բայց գտաւ Սարեկ խնամին, որ սենեակը կը նմանէր մեռելատունի, ուրկէ տարուած ըլլայ թարմատի պառկողը, երբ գերեզմանի դարձէն յետոյ կիները կը հաւաքուին, կը վարանին պահ մը, գովքը սկսելէ առաջ, տեղաւորուելու համար իրենց զգայարանական դրութեան մէջ, հիմնովին խախտած, խանգար ո ւած անակնկալէն։ Ի՜նչ խոնաւ ու լեղի լռութիւն մը կ՚ըլլայ ատիկա։ Ու ի՜նչ ընդարձակ։ Վասնզի թող ոչ ոք պարծենայ իր խելքովն ու ոսկիովը։ Ցաւը գերագոյն տէրն է ու գերագոյն իրականութիւնը։ Բոլորին մէջ ալ կայ անիկա, անտե՜ս, որ կը ծաղկի, պիտի ծաղկի՜ անկախ գարնան օրէնքներէն։ Ո՞վ չէ թաղած։ Կամ՝ ո՛վ պիտի չթաղէ։ Ու, առանձին-առանձին, իրենք, կիները, վիճակներու զուգորդութեամբ մը վերապրեցան իրենց լացերը։ Յետոյ՝ հակազդելու համար այս բռնացող ճնշումին՝ հաճի Աննան մտածեց, ո՞վ էր մեռնողը։ Հարցուց, ինքզինքին անշուշտ ու թուքը կուլ տուաւ։ Նախապաշարումը բարոյական առատագոյն մթերքն է գեղերու կեանքին։ Ան է, որ կրօնքէն առաջ վարած է ասեղը բոլոր խղճմտանքներուն ու ի զօրու է դեռ։ Խաղաց անոր ձախ աչքը։ Ոռնաց հեռուէն շուն մը։ Կուրծքին տակ, ձիու տրոփին նման բաներ արթնցան ու գացին։ Ի՜նչ էր կապը այս երեք ձախորդ յաջորդութիւններուն։ Բայց անոնք ի՜նչ վախ էր, որ բուսցուցին խեղճուկ անոր ուղեղին խորը։ Ամչցաւ խաչ մը հանելու։ Բայց մտովի արտասանեց Հաւատով խոստովանիմ էն այն երեք տողերը, որոնք մղձաւանջի, ջարդի ու թալանի վերապահուած են։ Չեկան սակայն խաղաղութեան, լայնքի զգայութիւններ։ Աւելի սեւ բաներ, ընդհակառակն, անոնց ետեւէն։ Ան տեսաւ մտքի դաշտին ուրիշները, ճաղ ով 8 բերուած լեռներէն, թումբերէն, անշուշտ մեռած, քանի ո ր ճաղցու ինկան։ Բայց դէմք, այսինքն՝ ծանօթ, որոնց հետ խօսեր ես, բայց չես գիտցած ի՜նչ գիտութեան օրէնքներով, այդ չարաշուք զգեստաւորումէն յետոյ, մեր գիտակցութեան մէջ անոնք կը հագնին այն կապտաւուն տրտմութիւնը, որ ճաղին գերեզման իջած ատեն կը շղարշէր անոնց դէմքը, դալուկ ու փալփլուն, ու կը մնան ալ մեր ուղեղին դամբարանը, այդ գոյնով ըսես պատանքուած։ Ու ամէն անգամ, որ յիշենք, անոնք կը յառնեն այդ վարշամակով։ Նոյնիսկ տարիներ ետքը, պիտի փորձուինք վերաճանչնալ, անոնց վրայ, արցունքին կամ համբոյրին եղկ ծփանքը, որ դողաց ու եղծուեցաւ անոնց դէմքին, ջախջախուած մայրերէ կամ հարսներէ։ Սարեկենց տիկինը կը մսէր, շոգով ծանրացած սենեակին մէջ։ Ան ալ յաճախուած էր նման տեսիլքներէ։ Արդէն, ան միշտ անհանգիստ բան մը կ՚ըլլար սա սենեակէն ներս, տարիներէ ի վեր։ Աղուո՞րը։ Մէկ ձեռքը ծնօտին, ծունկի, աչքերը երբեք չբաժնելով գետնի նոյն կէտէն։ Չթարթեց աչքերը, երբ իրարու ետեւէ երկու այրերը հեռացան թատերաբեմէն։ Կ՚իյնար լոյսը անոր շնորհալի ձեւին վրայ ու ադլասին խորշումներուն մէջ շուքի ակօսներով կը վազէր ու կ՚արձագանգէր։ Իր անկողինին մէջ հաստ ու չպարտկ ո ւող կծիկ մը հաճի Աննան, որուն փորձ ու անընկճելի կզակները ցոյց կու տային անըմբռնելի վարանք։ Վե՞ր էին դէպքերը անոր ուղեղին զսպանակներէն։ Քանի մը հեղ վրիպած փորձերէ յետոյ, ան չհամարձակեցաւ բերան բանալ։ Չէզ ո ք, անտեղեակ՝ Օհանը կ՚արձակէր երբեմն բառի կտորներ ` էրիկմարդու հովը զգալի ընելու համար, բայց որոնք կը թափէին բերնէն եւ միջոցին մէջ կը փշրուէին, ձիւնի փաթիլներու նման, կերուած գոլուտ այդ ոլորտէն։ Թող անոնք պատմէին արտ ու այգիի, բերք ու տուրքի յաւիտենական հոգերը, համակերպուն, իմաստուն աղքատութեան մը պարունակէն ` յիշելով նոյն արագ շրջանումին մէջ, տարիները, երբ այժմու արուգ հողերը եղեր էին օրհնուած, առատ ծիծերով կովերու նման։ Է՜հ։ Թող շատնային մեղքերը, ծառերուն ականջէն հարկաւ մէկը կար քաշող։ Ի՜նչ սուրբ ու արդար կը խօսէր գեղին միջինը Օհանին բերնէն։ Թող ոտնակոխ ըլլար հին օրէնքը, կորսուէին խիպն ու ամօթը։ Թող՝ Աստուած հեռուն ընէ, «հեռու լսողաց, տեսնողաց, բնակողաց», ինչպէս կը պատգամէր տէրտէրին պռատ գրաբարը, թող տուներէն ներս բազմէին աղտն ու պղծութիւնը։ Վերի Ամենակալն ալ անշուշտ բանջար չէր քաղեր, պիտի տեսնէր ու պիտի պատժէր։ Ու կը պատժէր։ Սրբեց խելօք ու բարի պեխերը, որ թրջուած էին այդքան բառերով։ Յետոյ աւելցուց օրերը, ուր հասցուցած էին մեզ մեր մեղքերը։ «Աշխըրքին վե՜րջը», Աւետարանին մէջ պատմուածին պէս։ Միամիտ, կտրատ, խեղճ՝ բայց պատեհ այս քարոզը, ուր, անմեղութեան եւ անգիտութեան կրկին հրապոյրն ու ջերմութիւնը իրարու կ՚աւելնային, խորունկ ու յայտնի յուզումի փոխուեցաւ սենեակին վրայ։ Միջամտեց հաճի Աննան։ Ճարտար դարձուածքով մը ան բարքերէն հեռացուց ուշքերը, տարաւ ծառերէն առկախ բերքին, որ բացառաբար յաջող էր իբր խոստում։ Բայց չկրցաւ մնալ իր բացած ակօսին վրայ։ Շո՞ւնչը կը հատնէր։ Սենեակը ինկաւ կրկին իր սառնութեան խորը։ Կարելի չէր դիմանալ։ Մենք կը նահանջենք դժբախտութեան առջեւ, ամէն անգամ, որ կողմնակի կ՚ուտենք բախումը։ Խնամի Օհանը օգտուեցաւ այս լքումէն։ Քանի մը հեղ ալ անիծեց, պատշաճ ու գրաբար, մեղքը, անոր սեւ, սադայէլ հեղինակը ու Աստուծոյ աչուկին յանձնեց բոլոր տուները, արդարինը՝ ինչպէս մեղաւորինը։ Ու անիկա չէր գիտեր, թէ այս սենեակին մէջ կը տեսարանէր իր պատանութեան գողտր մէկ պատկերը, ուր իրեն տրուած էր հետեւիլ այս անէծքին ու օրհնութեան, ժամուն բակի արիշին տակ, պիղծ ու խելօք ծերերէ, աշխարհքէն իրենց բաժինը առած ու հաշիւը փակած մեղքին ու վայելքին։

Քառորդ մը վերջը, դրացիներէն չգուշակելու հինաւուրց իրենց վարժութեան հաւատարիմ (եթէ գիշատիչները, շրջապատին վրայ մեղքով ու շքեղութեամբ հեղուողները քիչ են զանգուածին մէջ, կան միւսներն ալ, որոնք աչքի չիյնալու, կծկուելու, խուսելու իրենց ներքին յարգանքը իրենց հետ կը բերեն թերեւս դարերու գիծով։ Այնպէս որ, ընտանիքները մինակ անուն ու կալուած ու ազգակցական միութիւններ չեն, այլ մա՛նաւանդ բարոյական դիմագծութիւն մը, երբ մա՛նաւանդ չի փոխուիր տանիքը անոնց գլխուն վրայ), անոնք ընելով իրենց քայլերը բոլորովին մեռած, կը զատուէին մռայլ բնակարանէն։ Աղուորն էր ճամբողը։ Դուռին փակումէն առաջ մօրը նայուածքը ինկաւ անոր աչքին խորը։ Ու ընկրկեցան երկուքն ալ։ Աճապարեցին հեռանալ իրարմէ, վասնզի կը զգային, թէ իրենց ուժերը կը նուազէին։ Օհանը օրհնեց։ Խրատեց երկու բառնոց մաղթանքներով։ Բայց դուռը հրուած էր արդէն։ Կարծես թէ անդունդին ընդերքէն բան մը դուրս սողոսկեցաւ, բզկտող ու ջիղերը ծամող ու կծկող այն ճ իչը, որ մեծ դուռերուն ծխնիներունն է, երբ քիչ կը բացուին ու կը գոցուին։ Ի՜նչ պաղ, խրտչեցնող բան էր ան, որ սողաց նոյնպէս Աղուորին երակներէն։ Հովը, ստեղծուած դուռին թեւէն մարած էր ճրագը։ Ի՜նչ լաւ, խաղաղ, իրաւ՝ խաւարը։ Կարծես ինք ուզած, պատրաստ ած ըլլար։ Նախ չփնտռեց պատճառը այս հաճ զգայութեան։ Սեռային զգայարանքը իր բողկուկները մխրճած կը պահէ ամենախոր ծալքերուն մէջը մեր կազմին։ Մեր մորթն ու մազերը գրաւուած են անկէ՝ ինչպէս մեր սիրտը։ Կ՚ընենք բաներ անոր մուրճին տակ, որոնք անբացատրելի կը մնան առաջին հայեացքով։ Գուցէ ճիշդ ալ կ՚ըլլայ զգայութիւն որակել խուլ այն ծփանքները, որոնք հսկայ այդ մագնիսին թեւերով ը կը բացուին մեր հոգիին ջուրերուն վրայ, բոլորովին մութ՝ ինչպէս ծովուն երեսը, անաստղ երկինքի մը տա կ ։ Ու, ինչպէս որ այդ ջուրերուն վրայ լոյսի բիւրաւոր լարեր, աննշմարելի ըսուելու չափ նուրբ, կ՚ապրին, կը սիրուին, կը միաւորուին ` յայտնուելու համար երբեմն խոշոր հրթիռի մը մէջ, այնպէս ալ սեռին այս ցուցմունքները կ՚աշխատին ներսը եւ կը յայտնուին իբր խենթութիւն, երազ եւ ոճիր։ Քալեց սակայն ու զգաց, որ չկամ էին իր ոտքերը։ Ե՞րբ անդրադարձաւ, որ բռնած էր օճախով սենեակին ուղղութիւնը, ի՛նք՝ որ քաշուած էր միւսէ՜ն։ Լուսաւորուեցաւ։ Պզտիկ պատին քով, որ ծառային բաժինը կը զատէր բակէն, անոր տկարութիւնը շեշտուեցաւ։ Սիրտը աւելի բեռ ունէր։ Ու չկրցաւ քայլերուն կարկինը չծռել դէպի կռնակը։ Ընկրկեցաւ սակայն։ Առանց վախնալու։ Սպասող ու տարուած։ Ու անոր մտքէն, շատ մը բաներ վերիվար շրջող մղում մը բերաւ, հագցուց իր մարմինին այն վիճակը, որով կը մտնէր անիկա հարսնիքին շաբթուն, էրկանը սենեակը, երբ եղերական կործանումին պատկերը հեռու էր արդի կրացումէն, ածխացումէն։ Հոն՝ քիչ անդին, Սողոմը։ Գիտէ՞ր։ Երկու թեւեր բուսան դռնակէն ու երկարեցան դէպի իր մէջքը։ Ու մութին բերանը համբուրեց զինքը։ Եղկ այդ շփումը խորտակեց անոր կամքը։ Թեւերը կը քաշէին զինքը։ Արգիլեց, բայց չափազանց անուժ էր անիկա։ Դարձաւ կրունկին, ու փոքր տարածութիւնն իսկ հազիւ յաջողեցաւ կտրել, զինքը սենեակ առաջնորդող։ Պարապ։ Կեսուրը կը պատրաստուէր բան մը հրամայելու, երբ ներս մտաւ Սերոբը։

Էրի՜կ։ Հարկաւ։ Ի՛նչ հարկ վերլուծման։ Անիկա գահազուրկ իշխանի մը կը նմանէր։ Ի՞նչ հեռու, օտար, մա՛նաւանդ զզուելի կ՚երեւար անոր աչքին Նալպանտենց գիրուկ, կանացի շնորհով երիտասարդը։ Էրիկը խաբելը ուրիշ վիճակ է։ Անոր մէջ՝ արգահատ ա նքը գուցէ ներկուած սիրոյ պատրանք մը կը ճարէ մեղաւորին, որ կը դիմանայ սուտին մէջ, իրաւի ն դժոխքը խնայելու համար դէմինին։ Հո՞ս։ Ինչպէս պիտի քալէր կեանքը՝ իր եւ բոլորովին ուրիշ, նոր այդ մարմինին մէջտեղը։ Պիտի սկսէր իսկ։ Բոլոր արիւնը խուժեց անոր երեսին։ Այս ժայթքը, ներքին իրականութեան դուրս հեղեղումին այս շեման զայն կ՚ընէր փխրուն, խեղճ ու մատնուած։ Բոլոր խաբողները կ՚անցնին այս մարձումէն, մինչեւ որ մորթը ստանայ համեմատական անզգածութիւն մը եւ մեղքն ու անմեղութիւնը կլայուին իրարու։ Դուրսէն, հակառակ խորացող գիշերին սովորական, մեծահունչ աղաղակը Կովիկենց Մաղքոսին, Աւետարանի ծառային նման պակաս մէկ ականջէն ու թերեւս իր այդ կերպ ծնունդին համար զգեցած այդ բացառիկ անունը։ Նշան էր, թէ կը սկսէր գիշերային կեանքը, դրացիէ դրացի, հեքիաթի կամ պտուղի սեղանով։ Զուարթ եւ բարի մարդ էր անիկա։ Կարծես առած իր ականջին փոխարէն, Աստուած կայծքարած ըլլար անոր լեզուն ու տաղաւարի ժամուն պէս զարդարուն շտկած անոր բերանը, որ փուռի մը մուտքին պէս կը հորնար անոր քիթին տակ։ Շատախօս, կատակող, սրամի տ ու հնարող՝ անիկա «պոչատ հաւուն ագի կը դնէր», նշանաւոր Ուստիանին նման, եւ մարդոց նկարագիրը կը խտացնէր նոր թափուած ածականներով։ Բայց այս ամէնէն աւելի ուշագրաւ էր անոր կանչը, «կական»ը, զոր մարդիկ կը զանազանէին երկու թաղ հեռուէն։ Հետաքրքրականը ան էր, որ հաջան, աղմկայարոյց այդ բերանը փնտռուէր, յարգուէր, հրաւիրուէր թաղին ամէնէն լռիկ, տարին երկու հեղ ձայն չունեցող Գաբարէն, դրացի մօտէն, Նալպանտենց, խլուրդի պէս փոքր ու անկիւնոտ շինուածքով այդ մարդուկը ոտք մը տունին տակ թաղուած կ՚ապրէր ու կը լռէր, երկու տղոցը կանխահաս մահէն զարնուած, համրացած։ Երկուքն ալ գործէ ու զաւկէ քիչ, շատ չէին խառնուեր թաղամիջեան կռիւներու, ընդհանրապէս պզտիկներու թաթիկներէն արձակուած։ Աղքատիկ, բայց օտարին ոչ կարօտ։ Ցերեկները՝ իշուկներուն հետ, իրենց գործին, որ կը հատնի Հանգչած քարին միայն։ Գիշերները, շաբաթը երեք-չորս հեղ իրարու կ՚երթային ` թուղթ խաղալու, հին օրերէն պատմելու եւ նորութիւններ ի՛նչ աղբիւրէ ալ գային դատելու, դատապարտելու եւ համահաճ վճիռով ստանային սատանային տոպրակին գլխագրելու։ Մե՞ղքը։ Նալպանտենց տունին դժո՞խքը։ Ո՜վ պիտի չափէր երկարութիւնը մանգաղին, որով երկու ծերերը, արդար ու անպատսպարելի ապշութեամբ մը հնձէին պիտի մեծ գերդաստանին վերջին սա գօս ճիւղերը։ Կը խորհէր Աղուորը եւ չէր նայեր էրիկին։ Լուռ՝ պառաւը։ Ո՞վ ըսաւ հարսին, որ ելլէր դուրս։

Բակին մուտքին Սողոմը բռնեց ուժով անոր ձեռքը։ Կ՚այրէր կրակի կտորի մը նման։ Չվախցաւ Աղուորը։ Ընդհակառակն։ Ու հասկցաւ կարծես լռիկ ձայնը, որ զինքը դուրս էր նետեր։ Յետոյ, առանց դժուարութեան, բայց առանց մեծ կարօտի, քաշուեցաւ դէպի անոր մէջքը։ Մենք կ՚երթանք, ինկած մեր ծանրութենէն, երբ սեռը կը քաշէ։ Դաշոյնի եւ ատրճանակի զոյգ կոթերը խորտուբորտ կ՚ընէին, ու ցաւցնող՝ անոր մէջքը Աղուորին։ Գիշերէն շինուած սեւին մէջ անոր հասակը կը սեւնար անգամ մըն ալ։ Աշտարա՞կ։ Ամրութի՞ւն։ Իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ այդ երիտասարդը ամբողջական ապահովութիւնն էր, կանգուն այդպէս մութերուն ծոցը։ Բայց հակառակ այդ կարծրութեան, որ կը բխէր անոր մարմինէն ու հակառակ կրակին, որ անոր ափը կ՚ընէր ջերմոտ ու խոնաւ, նոյն այդ ձեռքերէն, մատներուն ողորկ սայրերէն բան մը կը դողար իր միսերուն վրայ, թռչունի մը փետուրն ըսես, ատանկ հով ու աղուամազային։ Այս մեղմութիւնը, տկարութիւնը կիները կը զգան ու կը գնահատեն ամէն բանէ առաջ։ Ոճիրը ափէն կը սկսի պոռնիկներու մարմինին վրայ։ Ու կիները կը ճանչնան իրենց հմայքին կշիռը նոյն այդ անտես նժարումէն։ Չխրտչեցաւ։ Ըսես՝ պատրաստուած, կանչուած ըլլար, ելած դուրս յատկապէս այս տեսարանին, այս վայելումին համար։ Նոր ու խռովիչ միայն՝ սա փաթթըւուքը, անկողինէն դուրս, բաց օդին, ու անծանօթ ալ, ի՜նք՝ որ սեռային զգայութիւնները ապրելու տեղ, վարագուրած էր զանոնք մետաքսով եւ ժանեակով, սառոյց շրթներով, պաղ միսերու լ պրծուն ու աղի կոյտի մը ընդմէջէն։ Թեթե՜ւ, քա՛ղցր։

-Ձգէ՛։

Կոտրա՞ծ։ Անկնի՞ք։ Զո՞ւսպ։ Չկա՞մ։ - Կարելի չէր ճշդել։ Բայց ձայն էր ու պատգամ։ Տղան, ձգելու տեղ՝ ամրացուց բազուկները, անոր մէջքին, արու, կարծր, տաք, որոնք ընկճեցին կակուղ իկ այդ բանը, որով կը շինուի կիներուն լանջքը՝ մինչեւ կոնքերը։ Ու եղաւ Աղուորին մէջքը թոյլ, մատնող, գրեթէ ինքնամատոյց։ Քսան տարեկան էր ան ու շաբթուա՜ն մը հարս։ Նո՛ր։ Փողոցէն կ՚անցնէր եզան կառք մը, լալկան ու չկամ, որուն աղմուկը խղդեց անոնց համբոյրը։ Լեղի, մզմզուն ու անյագ էին անոնց շրթները։ Ու իրենց իսկ ուժգնութենէն յոգնած։ Ու այնքան վերիվայրումներէ, յուզումներէ, բեկումներէ ետքը, թերեւս վտանգի կամ արգելքի ն ասեղովը Նալպանտենց հարսը փնտռեց այն մենաւոր, օտար, անձնական ու անբացատրելի զգայութիւնը, որ վեր է սեռային ցնցումին մութ ու պարզ բանաձեւէն ու բխելով հանդերձ անկէ, զերծ է անոր մոխրահամ ու աղի տրտմութենէն։

Այն հանգիստի, յարմարումի, լրիւ նոյնացման հա՛մը, որ չես գիտեր ուրկէ՛ կը բուսնի ու իրարու հիւսուած մարմիններուն բոլոր անկիւնները, խորթութիւնները եղծ քաղցրութեան մը մէջ կը հալեցնէ։ Որ տուն մը, անկողին մը, առնութիւն մը, պոռնկութիւն մը ըլլալէ առաջ, արուին գիրկն է թերեւս էգին համար, հազարաւոր տարիներու խորքէն յարդարուած ու անհուն կրկնութեանց գնով մեր արիւնին մէջ իր պատկերը դրոշմած, այնպէս մը, որ մոռնան ք միսն ու ոսկորը, լաթն ու թուքը, աղտն ու աղը եւ գրկենք արիւնին այդ խորհրդաւոր ուրուականը, որ կը յառնէ ու կը նուաճէ մեր կամքը՝ ինչպէս ընդդիմութիւնը։ Հոգ չէ թէ քիչեր հասկնան այդ լեզուն, քանի որ արդի ընտանիքին կապանքները կորսնցուցած են անոր վրայէն ծագումին, դարերուն այդ պատգամը։ Պէտք չկայ ընկերաբանութիւն վաճառելու։ Տղուն մատները սեղմելով հանդ ե րձ, այրելով հանդերձ՝ ունէին լեզու։ Ունէին ուղղութիւն։ Դէպի՜ խուցը։ Ունէր այս ուրուաձեւը դարձեալ, անոնց հիւսուած հասակը, որ, ով գիտէ ինչպէ՛ս դիրք առած էր դէպի պզտիկ դուռը, ա՛ն՝ որ ծառաներու խուցը կը բանար։ Ինչո՛ւ չէին վախնար։ Բայց ներսն էր էրի՜կը։ Սեմին վրայ տղուն հանդարտ ու խոր շաղապատումը քակուեցաւ իր լրջութենէն։ Տենդոտ, շուարուն՝ անոր շրթները ձգելով երեսներուն արձակ ու կծու թուլութիւնը, գուցէ նուաճուած լքումէ, կը թափառէին, կը ցատկէին ճակտին, ծոծրակին, թեւերուն, մինչեւ իսկ կռնակին վերնամասերուն, մինչ ամրապինդ, խենթ մատները հետզհետէ աճող պրկումով մը կը պարուրէին անոր մէջքին ջերմիկ աղեղը։ Երկուքն ալ կեցան մէկէն։ Ձայն առած էին։ Սենեակին դուռը գնաց ու եկաւ։ Մտիկ ըրին։ Լուռ էր սանդուխիկը։ Ո՞վ։ Կատո՞ւն։ Մայր ու տղայ կը խօսէին ու բառի բեկորներ կը մոլորէին մինչեւ դռնակը։ Անոնք իրարու մտան աւելի խոր։ Ու թօթուեցին զանոնք հզօր բաներ։ Ու լքում, թոյլ, անդիմադրելի։

-Քալէ՛, - շշնջաց Սողոմը, ամբողջ հեւք ու կարօտ, դուք հասկցէք սեռային թրթռում ու բռնկում ու մշուշ։

Աղուորը մնաց լուռ։ Լեղի, տխուր հեշտութիւն մը անոր կուրծքէն ճամբայ կ՚առնէր դէպի շրթները։ Փորձեց՝ բայց չկրցաւ փոխադարձել համբոյրը, որ քիչ ու խեղճ էր անոր բռնկումին իբր արտայայտութիւն, ինչպէս էր եղած արդէն անկողինին մէջ ալ։ Չ գացին անոր ոտքերը առաջ, քալել չկրնալո՞ւն, թէ էգ նազանքի մը իբր հեռաւոր խորխը։ Թողած էր ամբողջ մարմինը անոր շրթներուն, բազուկներուն, մատներուն։ Ու տխուր էր անիկա լալու չափ։ Ու անկարող էր անիկա ինքզինքը ըլլալու, այնքան խմոր ու լոյծ կը զգար ի ր մարմինը։ …Քակուեցան անոնք իրարմէ Սերոբին դուրս ելլելովը։ Ան չկանչեց, բայց լոյս ունէր ձեռքը։ Դարձաւ ետ Նալպանտենց հարսը ծառային սեմէն, հիւանդ, ոտք իսկ փոխելու համար անսիրտ, բայց առանց խուճապի, առանց օտարի մը ծոցէն նոր իջնող կնիկի մը կարմրած տագնապին։ Ու տեսաւ էրիկը, որ վերնայարկ ելլելէ առաջ ձեռքի փոքր կանթեղով կը լուսաւորէր, գլխուն վերեւէն սանդուխը։ «Գող»ին սարսափը այս վարժութիւնները ա՛լ նկարագրի մասը շինած էր անոնց մօտ։ Հետեւեցաւ Աղուորը։ Ան գլուխ անգամ չերկարեց օճախով սենեակին։ Ու իր ոտքերը, ծունկերուն աղեղէն, փրթելու չափ ծանր կը շարժէին։ Չէր գիտեր որոշապէս, թէ ինչու լացը կը կճէր կոկորդը։ Քիթին ետեւէն։ Ինչու կը դառնար, խուցին այսքան մօտենալէն ետքը։ Ու գիտէ՞ր մանաւանդ, թէ ի՜նչ ունէր ընելիք Նալպանտենց գորգապատ սենեակին, մեծ անկողիններուն ու մեռած առնութեանը մէջտեղ։

Լոյս կար հոն, նոր լուցուած։ Շատ ու տօնական։ Երուսաղէմէն խճանկար լամբարը։ Չէր հանուած հաճի Արթինին թանկագին աշտանակը։ Բայց լամբին վառուիլը ինքնին արտայայտութիւն մըն էր ու խոստում մը։ Ահաւոր ցերեկէն յետոյ տօնական գիշե՜ր։ Ինչպէ՜ս, ինչո՜ւ տեսարանը դպաւ անոր թաքուն թելերուն։ Զզուա՞նք։ Զայրո՞յթ։ Կռիւի էգ բնա՞զդ, թէ վարը, խուցէն յակճիռ տղուն զիջում մը։ Եղաւ անիկա բիրտ ու գրգռիչ։ Մօտեցած էր սեղանին ու փչած ջղագար բերանով։ Ի՜նչ խաղաղ վայելք էր սա մութը հիմա, պաղ, երբեք կենդանի սա սենեակին մէջ շաբթուան մը ծոցը չէր կոտրած անոր բազմամեայ սառնութիւնը , անկէ աւելի տխուր իրենց հոգիներուն համար։ Պա՜հը, դժուար ու դառն, որուն մէջ, արագ պարզումի մի վրայով մեր շրթներուն կը մօտեցուի զզուանքին, ձանձրոյթին ժանդահար բաժակը, խո՛րը՝ ինչ որ դ րեր են մեր զգայարանքները, ամէնօրեայ լարումով մը կեանքին անձրեւին դէմ։ Ձեզի տրուա՞ծ է այդպէս նստիլ դէմ դէմի ու ատել զիրար, աւելի այդ ատելութիւնն ալ չկրնալ ատել ու հրուիլ ետ, ետ, դէպի առանձնութիւն, ինքնութիւն, որպէսզի չամչնաք։ Ձեզի տրուա՞ծ է մութը փնտռել քսանամենի կնիկի մը ծոցին, շրջանակին մէջ, ու ատիկա՝ փախչելու համա՜ր։ Բայց հարկ եղաւ վառել սովորական լամբիկը եւ իրարմէ տարագիր սա մարմինները դնել իրարու սլաքներուն դէմ, որպէսզի ճեղ-ճեղ գզեն զիրար։ Անզօր իր կտուցիկովը փոքր կանթեղը ի զուր կը ջանար փորփրել խաւարը եւ քիչ մը բան մեղմել, տարագրել սա դիզուող անձուկէն։ Անոր էրիկը, ոտքի՝ աչքովը կը հետեւէր շարժումներուն։ Ոչ մէկ լարուածք, որ մատնէր բարկութիւն։ Ոչ մէկ փորձ ընդմիջման։ Անկէ՛ կամքը, ինքնին աղաղակ ու ցեցակեր, անոր անձը՝ միշտ գլխիկոր ու նուաստ սա սենեակին մէջ, կը թուէին ըլլալ զատուած ու ինկած՝ ոտքերուն, ինչպէս մերկացուած զգեստի մը կտորուանքը։ Անոր հոգի՞ն։ Վերլուծումը երբեմն չի հասնիր անոր ընդգրկումին։ Զարմանք։ Վախ։ Քակ ո ւածութիւն, մեծ շարժէ մը յետոյ, գեղեցիկ կամ հսկայ քաղաքի մը վրայ ինչպէս։ Անոր հոգի՜ն։ Ան կը մտածէր ու չէր կրնար տառապիլ իսկ այսքան անակնկալ համարձակութեան առջեւ։ Ուրկէ՞, ինչպէ՞ս, սա ինքնութիւնը մինչեւ երէկ չգոյ սա կնիկէն։ Միշտ առանց բառի, նոյնիսկ նայուածքի շնորհի մը՝ Աղուորը փռեց անոր անկողինը, ձեռնթափ ու անյոյզ։ Փռեց իրն ալ, տէօնիւմ մը բաց, ինչպէս դիտեց ու մռլտաց անոր էրիկը։ Ու, փոքր, վիրաւոր, կոծկոծուն լոյսին մէջ, փոքր, վիրաւոր, կոծկոծուն էին դէմքերը։ Սիրտերը՝ խարղած, մուխէ անցած ճերմակեղէնի մը նման գունաւորուած։ Չէին փալփլար սաւանները, ինչպէս կը պատահէր սովորաբար, որոնց կապտաւուն ծփանքը հեշտութիւն էր աչքերուն երբ կ՚ոլորուէին, կը բացուէին, միսերուն պաստառին դէմ։ Ու չունէր փայլելիք Աղուորին մարմինը, որուն ողորկ, թաւշաւէտ, կորագիծերով ու մանրանկար գմբէթիկներով ջահուած պայծառութեանը վրայ պիտի սահէին անոր աչքերն ու ձեռքերը, երբ խճանկար, հաճի լամբը լոգցնէր զայն, դեղնորակ, ոստայնային շղարշի մէջ առնելով ինչ որ միսերէն կրնար մնալ թանձր ու առկախ, նուաճելով անոր խորշերուն, փոսիկներուն ամբողջ ստուերայնութիւնը։ Հիմա՝ Աղուորին ընդվզումը, այդ տեսարանումին դէմ, որուն հարկադրուած էր ենթարկուիլ ամէն անգամ, որ Սերոբը դառնար քաղաքէն։ Ինչո՞ւ մտապատկերը բարկութեան վերածեց հին գարշանքը։ Բայց տիրական, դէգ էին անոր շարժումները։ Կի՞ն։ Հազիւ կարելի էր տեսնել այդ բիրտ շրջումներուն ու խազխզումներուն տակ եղծուած պատկերէն։ Հանուեցաւ, իբր թէ բան մը պատահած չըլլար իր միսերու ն նահանգներուն եւ անդունդներուն մէջ։ Թաղուեցաւ վերմակին տակ՝ իբր թէ կոճղի կտոր մը ըլլար զինքը դիտողը։ Յուզո՞ւմ։ Բայց անոր սիրտը, կիրքէն, մօտ էր կոտրելու։ Նոր հարսի, առնուազն հարսի անկողին։

Անոր էրիկը նստեցաւ բազմոցին, խեղճ, քիչ, ամօթէն անգամ զրկուած։ Այդպէ՞ս սկսէր պիտի գիշերը։ Քո՞ւն։ Մէկը իրեն հաւաստեց, թէ աչքերը գոցուելիք չունէին ամբողջ գիշերը։ Օրուան ընթացքին տասը հեղ յատակ փոխած իր հոգին, տասը անգամին ալ ինկած էր ծոցը այս պատկերին, ի՛նչ պիտի ըլլար իրենց առաջին առանձնութիւնը, անկողիններուն մէջտեղը, հսկուած, հալածուած, դանկըտուած Սողոմին ուրուականէն։ Այս վախէն էր, որ վառած էր հաճի լամբը։ Լոյսը տեսակ մը ընկեր է մեզի։ Զայն՝ կը վանենք՝ երբ ուժով ըլլանք։ Կը փնտռենք՝ երբ ընելիք չունինք։ Բայց կը վառենք անպատճառ, երբ կը վախնանք. տղա թէ մեծ, իրար կ՚արժեն անոր դէմ։ Չկրցաւ զատել աչքերը վերմակէն։ Բարձին՝ կծիկ կապած անոր մազերը լոյսին մէջ կը նմանէին տարերկրեայ ծաղիկի մը, թաթխ ո ւած մեղրով, ու առկայծուն՝ ինչպէս կծիկը մեծ կատուի մը։ Անոր մտքին մէջ արծարծեցին կրակը, որ անոր խուրձերէն կը թափէր, բռնկած երեսներու։ Կան պահեր, երբ մատներուն տակ մազը ամբողջ կինը կ՚ըլլայ։ Ուրիշ մէկը, դարձեալ գեղացի՝ Սողոմին նման, ինքնաբերաբար շօշափէր պիտի մէջքի դաշոյնը կամ ատրճանակը։ Սերոբը գօտիէն հանել կրցաւ ծխատուփը միայն, սատափադրօշ, արծաթ կմախքով, գիրուկ ու ներքինի ` առած ըլլալով գործածողին գիծն ու նկարագիրը։ Դիտեցէք ու պիտի տեսնէք ձեր շուրջը այս փոփոխութեան ճշդութիւնը շատ մը բաներու մասին, զգեստ, կալուած, նոյնիսկ լեզու։ Շինեց սիկարը, սիկարները ` սպառելու համար տուփին մետաքս, խոպոպաւոր պարունակութիւնը (Նալպանտենց տղաքը ունէին նրբաճաշակ քիթ։ Իսրայէլը իր աղքատութեան անդունդէն իսկ չմոռցաւ գործածել խոտին ազնուագոյն տեսակը, զոր իրենց աղջիկները հարսներ կը ճարէին իրենց հայրերուն համար)։ Յետոյ պիտի սկսէր ծխել։ Տեսակ մը ջղային տագնապ, զբաղանք՝ ասիկա իր մօտը, սկիզբ առած պատանութեան օրերէն, երբ զինքը գործածողներուն հետ մէկ գիծի գալու պատրանքի մը մէջ, բերնին մէկ անկիւնը՝ ծուռ՝ կը զետեղէր գանգրահեր ու քաղցրահոտ խոտը ու կը քալէր ` «մարդու շուք» տալու համար իր գանակոծ իգութեան։ Ան լուսցուցած էր փեսայութեան առաջին գիշերը։ Ճիշդ ինչպէս պիտի ընէր հիմա։ Աւելի ետքերը, հոգիին նեղութեան պահերուն ո՜վ հոգին անոնց՝ որոնք միս միայն եղան, ուրկէ կորզուած է սեռին կծիկը, որոնք կիներուն նայեցան ու միս ծամեցին, կովի կամ մատակի ու այդքան վարժութիւն էր եղած անոր, մէկ նստած տեղը քսան-երեսուն հատ այրել իրարու ետեւէ, մէկը չմարած՝ միւսին քիթին դպցնելով խաւը, իր սխրալի հաճոյքներէն մէկ թանկագինն ալ աս։ Կը բարդուէր մուխը, սենեակին տարածութիւնը ընելով բաղնեկամարի յատակ մը, մշուշոտ, ծանր, հազացնող ու շունչը խղդող։ Հոտը կը նստէր գորգերուն, պաղ ծ ե փերուն, պատին պարզուած թանկահիւս գործերուն։ Կծու եւ այրող ծխում մը կը բարձրանար երբ մէկը, օրուան որեւէ պահուն, նստէր բազմոցին։ Բարկ ու այրող այդ կսկծանքը՝ նաեւ վարագոյրներուն եւ սափորին խորը քաշուած իսկ ջուրին եւ սնտուկի մետաղ զարդեղէններուն։ Կազմելով պուկ բռնող գարշանք մը, որ մա՛նաւանդ ջուրէն կը զատուէր ումպին վրայ ` նոյնացնելով գաւաթին ու Սերոբին շրթունքը, կտրելով անոր շունչը։

Այս արարողութենէն յետոյ ան պիտի մտնէր անկողինը ` թաղիք ծամածի պէս խիւսաւոր քիմքով մը։ Օդը կ՚ելլէր իր բերնէն՝ իբր թէ անցած ըլլար եռացող կուպրի կաթսայի մը փորէն։ Զարկած գլուխը՝ ծանր՝ երկաթի պէս, բարձին ու ա՛լ չարթննալով մինչեւ արեւին երկու մարդու հասակ առնելը հորիզոնէն վեր։

Տասներորդ սիկարին, դուռ ը բացուեցաւ։ Լոյսը՝ միշտ փոքր, կոծկոծուն, երկարեցաւ օդին մղումովը ու բաբախեց։ Սողոմն էր։ Սերո՞բը։ Անիկա չերերաց։ Սառա՞ծ։ Ժողովուրդին բառերը յաճախ իրաւ կ՚ըսեն։

Առանց ազդուելու ծուխէն, որ երկաթի սղոցուքի պէս սկրդեց Սողոմին կոկորդը, յառաջացաւ անիկա։ Հագուած՝ ինչպէս էր վարը, այսինքն՝ չէր հանուած։ Աւելի՝ դաշոյն, ատրճանակ, ո՛չ ձեռքը, այլ՝ մէջքին։ Այնքան հանդարտ էր, որ կը շփոթուէր այդ վիճակը անկարող վախին հետ, որ քեզ կը դուրէ, խելօք բանի մը վերածելով կիրքն ու ցասումը։ Ու այս տպաւորութիւնը կ՚ուրուանար վրայէն։ Կարծես ըլլար գիշերաշրջիկ մը, ենթակայ իրմէն դուրս ուժերու ճնշումին ` ընելով իր քայլերը կշռոյթովը անտես այդ մղումին։ Անցաւ Սերոբին քովէն ` մոռնալով, ուրանալով զայն, ա՛յն աստիճան՝ որ Նալպանտենց մեծափառ տունին մեծափառ ժառանգը արջասպ կուլ տուող մէկու նման այրեցաւ կոկորդէն։ Ծառան մօտեցաւ Աղուորին անկողինը։ Վերցուց ու մէկդի նետեց վերմակը, արագ ու պարզ։ Այս ամէնը այնքա՛ն բնական, այնքա՛ն վճիտ, որ մարդ չէր կրնար մտածել։

-Հասէք, դրաց…

Բառը չկրցաւ ամբողջ դուրս գալ Սերոբին բերանէն։ Բակն էր արդէն։ Մէկ ձեռքով բթամատին ու ցուցամատին կիսաղեղին մէջ ամուր տեղաւորեց անոր կոկորդը ` ուժգնօրէն ճնշելով ադամախնձորը, որուն տեղը, անունը, տգեղութիւնը տարիներով խօսքի նիւթ էր եղած, դպրոցին մէջ, վարժապետին վիզէն։ Աղեղը կ՚ոլորէր անոր վիզին առաջամասը, չմեռնելու չափ շունչ մը շնորհելով։ Խեղդե՞լ։ Ատոր չէին մտածեր այս կարգի յարձակմանց հեղինակները, ընդհանրապէս փորձ ոճրագործ, արիւն շատ թափած, կուշտ այդ հեղուկէն, բայց ծարաւի՝ հարուստներուն դրամին կամ անոնց կիներուն արգանդին։ Կրնար խելօք սպասել Նալպանտենց Սերոբը, եթէ ասպատակը ունենար դուրսէն անուն մը, որուն արտասանումը բաւ էր, իր սենեակէն ներս ` զինաթափ ձգելու զինքը։ Բայց Սողոմէն ասպատա՞կ մը։ Անիկա խելք չէր ըրած ու պոռացած էր ` վտանգելով, այդ իսկ անզգուշութեամբ, իր գոյութիւնը։ Կը հեւար, կը ջանար հազար, բայց կ՚արգիլուէր պողպատ աղեղէն։ Մահուան վտանգին դէմ, ինքզինքը պաշտպանելու գերագոյն բնազդը երկնցուց անոր ձեռքերը դէպի ամորձիքները ծառային։ Բայց արգիլուեցաւ անոր ազատ ձեռքէն։ Տասնութ եւ տասնինը տարեկան տղաքը ուժին բարձրագոյն չափանիշը կը խտացնեն իրենց դնդերներուն մէջ։ Զարկաւ Սողոմը իր երկաթէ բռունցքին սուր բերանովը անոր թեւին, որ կոտրած, մէջտեղէն երկուքի բաժնուած զարհուրելի ցաւէն՝ ինկաւ, ա՛լ չելլելու համար։ Հակառակ յուսահատ պրկումին, մա՛նաւանդ ցաւին անէացնող մուրճին՝ անիկա չէր կրնար պոռալ իսկ, արգիլուած ըլլալով կոկորդէն, ու կը խրխռար, խղդուողի շնչառութեամբ, խոր ու ընդհատ։ Զարհուրագին այս ձգտումին մէջ՝ անոր աչքերը ի զուր ջանացին մնալ, ըլլալ աղերսող, եղկելի։ Ասիկա դասական եղանակն էր հոգին փրկելու, ու նշան՝ անձնատուութեան։ Թուրքերու հետ կենակցութեան մը դեռ կենդանի մնացորդ, այս դրուագները շատ էին, սովորական ըսուելու չափ, գեղին տարեգրութեանց մէջ։ Անշուշտ անոնք բաղդատելի չէին Հայաստանի մէջ գործադրուած զուլումին, բայց կը կրկնէին գրեթէ նոյն պայմանները։ Իմ օրերուս, թուրքերու կողմէ այս յարձակումները ցանցառած էին ա՛լ, բայց ընդօրինակող մերինները քանի մը տարին հեղ մը խոշոր գայթակղութեամբ մը տակնուվրայ կ՚ընէին գեղը։ Ու ա՛լ պէտք էր բանալ ականջները։ Հետզհետէ գործելու այս ձեւը մասնաւորուեցաւ լեռնաբնակ ասպատակներուն, հայ թէ թուրք։ Անոնք ի գործ կը դնէին այս խուժումը բացառաբար հարուստ տուներու, երբեմն ալ աղուոր կնիկով մը համբա ւ առած միջակ տուներու վրայ։ Ասպատակը կը սպաննէր, առանց գութի փոքրագոյն հետքի ու առանց բացառութեան, երբ կը հանդիպէր ընդդիմութեան, մա՛նաւանդ աղմուկի, գոռում-գոչումի։ Իր անգթութիւնը սարսափէն անդին բան մըն էր, քանի որ ութսուն տարեկանէն սկսած մինչեւ օրանի մանուկը կը դանկըտէր, կը մանրէր ` անհնարին լացուկոծին մէջ պահելով իր սառնութիւնը ու կ՚ելլէր դուրս տունէն, իրեն դէմ երեւցող ամէն մարդկային ձեւ նոյնպէս դանկըտելու վճռական վայրագութեամբ։ Ասիկա ճշմարտութիւն էր ու քանի՜-քանի՜ տուներ մարած են այդ կարգի անզգուշութեան մը երեսէն։ Բայց, միւս կողմէ՝ ամէն մարդ գիտէր, թէ ասպատակները շատ հաճոյքով չէր, որ արիւն կը թափէին։ Անոնք ընդհանրապէս կը զգուշանային հոգիին խմշիլէ 9 ։ Փողոցին վրայ, բաց պատուհանէ մը արձակուած ձայնը անվրէպ կը պատժուէր մահուամբ։ Օգնութեան աղաղակ մը կամ դուրսէն ներս փորձ մը, որքան ատեն, որ ասպատակը չէր հեռացած, տան բնակիչները կ՚ենթարկէր նոյն ճակատագրին։ Ու հակառակ սրտաճմլիկ պատկերին, որ շաբաթներով թաղին վրայ իբր արցունք եւ ողբ կը դիմանար, մարդիկ, այսինքն՝ անոնց միջինը, այսինքն՝ անոնք, որ վաշխառուներ չէին, չունէին այրած սիրտը աղքատիկ հայրերու ու իրենց կնիկները գիտէին սանձել, ըսել կ՚ուզեմ՝ անոնց հրապոյրներ ը չցուցադրել աչք առնող զգեստաւորումով կամ գիտէին շէնքի տակ պահել անոնց քալուածքը, նայուածքը, մա՛նաւանդ թեւերն ու կուրծքին կիսադաշտը, անոնք ուս կը թօթուէին ասպատակին փորձանքին դէմ։ Ու պատուհասողներու այս դրութիւնը տեսակ մը արդարութիւն ալ կը ներկայէր։ Խաղցուկ կնիկները եւ որբեր զրկողները, այրին հետապնդողը եւ ազգապիղծները անոնց սարսափին տակ չափ կը դնէին իրենց մեղքերուն, որոնք պաշտօնական արդարութիւնը այնքան դիւրաւ գ իտեն լոլոզել։ Ու այս փորձառութիւնը կու գար բ ու ռն, անմոռանալի դասերէ։ Կը պատմուին այս գիծէ գիշերային ընդարձակ յարձակումներ, ժամեր տեւող, ուր երկու աւազակ, տանտէրէն աւելի հանդարտ, գործած են աւելի ազատ, քան իրենց տունին մէջ, բոլորովին պաղարիւն, բացած մառանն ու գինիի ն կարասը, մորթած հաւնոցէն հաւը, մաքրած, եփած, կերած են, առանց խանգարուելու եւ իւղոտած տունին երամէն կամ գեղանի խաղցուկ հարսէն, ելած-գացած են իրենց ժայռերուն, առանց որ պառկող պզտիկները արթննային, կամ ծերերն ու պառաւները ըլլային անհանգիստ, իրենց ծանրացած ականջներուն համար արգիլուելով տեղեկանալէ կատարուածին։ Ասպատա՞կ, սակայն, սա մատ մը տղան, որուն անունը շաբաթ մը առաջ տակաւին խունկ ու շարական կը հոտէր։ Անիկա ազատ ձգած էր Սերոբին քիթը, ըստ ընկալեալ օրինագիրքին։ Ո՞ւր սորված էր այս սահմանադրութիւնը։ Բայց չսպաննեց, վասնզի անիկա կը սիրէր ։

-Ինչո՞ւ պոռացիր։

Վերցուց բռունցք ը ։

Դանակը չէր հանած։

Ինչպէս հաւ մը, որ կը կծկտի՝ Սերոբը թաղեց գլուխը վարտիքին ծալքերուն։ Աղուորը նստած էր արդէն անկողինին մէջ։ Մէկ ձեռքով շտ կ եց շապիկին բացուածքը, որ թոյլ եւ քիչ մը ուրիշ կ՚ընէր անոր կուրծքը։ Պ չ րա՞նք։ Վրդովո՞ւմ։ Կարելի չէր այսպէս տեսնել սա տարօրինակ պատկերը, որ անոր վրայ մարմին կը դառնայ։ Հրապուրուած, տարուած, վտանգին հեղումովն իսկ գեղեցկացած այն վտանգին, որ կը պտըտի մեր շուրջը եւ մեզ կը խնայէ, պիտի խնայէ ` ընելով մեզ այլուր, ջերմ, ճառագայթուն, մեր դէմքին վրայ, երեւան բերելով մահուան ու հ ա ճոյքին շուքամերձ փայլակը, կոկելով մեր կոշտութիւնը՝ ինչպէս վայրագութիւնը եւ ընելով յանկուցիչ, եւ որ ուրիշի մը վրայ, այսինքն՝ բուն շահագրգռուողին վրայ զարհուրագին տգեղութեան մը, խանգարումի կ ը փոխուի։ Եթէ տրուած է ձեզի տեսնել լայնքն ու արձակութիւնը մարդուն, որ դանակը կը սրէ, երբ առջին, ձեռքերը կռնակին կապուած զոհը, ծնրադիր, կ՚անձկանայ ու կը ճ իւաղանայ, պիտի կրնաք թափանցել այս դիտողութեան , անիկա կը հետեւէր կատարուածին ` անգիտ ա նալով ինքզինքը։ Անոր այնպէս կու գար, որ դաշոյնը գուլպայ հիւսելու շիշ մըն էր ` դրուած Սողոմին մէջքին, անվնաս, ա՛յնքան՝ որ կրնար առնել ու կոտրել երկուքի։ Բայց նոյն ատեն, ան կը զգար ինքզինքը տարբեր, հեռու այն այլուրութենէն, որ կը բուսնէր դէմքին, ամէն անգամ, որ զօրաւոր յուզումներ միշտ ամ ո ւլ, անել, անսիւն անկողինի՛ մը անդունդէն գային մղուելու ողնուղեղն ի վար եւ հոն սառոյցէ սիւնակի պէս գիծ բռնելու։ Այդ զզուագի՜ն պատկերը, որ մարդը ճերմակ ցեխի մը նման գարշահոտ կ՚ընէ, եւ կեանքը՝ անուռնակ զանգակի մը տակ կարծրացած սեւութիւն մը։ Հիմա՞։ Կարմիր հեքիաթ մը կը շինէին աչքերուն առջեւ։ Հեքիա՜թ։ Անշուշտ, երբ գիտենք։ Մենէ դուրս, մեր կաշիէն դուրս ողբերգութիւնները բոլորն ալ մենք կը սիրենք զետեղել այդ մշուշին ծոցը։ Մորթողին համար մորթելու գործողութիւնը գեղեցիկ է եւ բարոյական։ Հարցաքննեցէք արիւնի հերոսները, մա՛նաւանդ՝ երբ ընդարձակ է կալը զոհարարումին։ Անոնք իրենց կեանքին քաղցրագոյն րոպէները պիտի հաստատեն այդ հանդէսներէն։ Թուրք գեղերը հոգեկան պատմուճանէ մը փափկացած կը զգային զիրենք, երբ կը դառնային դրացի գեղը խնամքով մորթելէ։ Ու այս զգայութիւնները չեն պատմուած։ Անոնց ` օտարներու կողմէ ներկայացումը, վերյիշումով պատմումը կը խեղա թ իւրէ այդ անասելի շնորհը ` չհասնելով իր առաջադրութեան։ Մորթողներուն կողմէ, յետահայեաց, ողջերուն բերանը դրուած երգերը տգեղ են ու չեն գտներ օտարներուն խղճմտանքը ` երբեմն տալով նոյնիսկ հակասական արդիւնք։ Դարերով այդ երգը պտըտցուցինք ու չդադրեցանք աշխարհին վրայ տգիտութիւն մը նկատուելէ։ Հեքիաթ, իրա՛ւ որ մեր ժողովուրդին ողբերգութիւնը բոլոր անոնց համար, որ զայն լսեցին, արժանահաւատ վկաներու իսկ բերանէն, բայց չազդուեցան։ Ու խորհիլ, որ մեզ փնտռեցին միայն, երբ բանակ ունէինք…։ Բայց ի՜նչ հարկ այս ընդլայնումին։ Նալպանտենց հարսը, ինչո՞ւ այդ վայրկեանին, յիշեց Շահարենց Շահրուկին դրուագը։ Յիշե՞լ։ Բայց որքա՜ն տժգոյն է բառը։ Անոր աչքին, մէկը դրաւ սանկ սենեակ մը, անկողին, տղայ մը, դաշոյնը վեր, էրիկ մը։ Կարծես հիմա կատարուածը եւ անցածը իրարու անդրադարձը ըլլային։ Ու եղաւ անիկա, նոյն գիծէն, այդ հարսն ալ, ու ինքզինքն ալ, պղտորած իր ջղային կեդրոններէն, որոնք կը բաբախէին մարմինին փոսերէն ` առնելու պատրաստ, մղուած՝ իր ծոցին, էրկանը աչքերուն տակ, դաշոյն շարժողը։ Ու իրեն թուեցաւ, թէ կը յիշէ ր աւելի հեռաւոր, մռայլ, առհաւական բաներ, անշուշտ աղօտակի, պատկերի փշուրներ, ուր իր մարմինը, հ ա սուն, զգլխիչ պտուղի մը պէս կը յափշտակուէր ձեռքէ ձեռք, ծոցէ ծոց, մինչ իր ոտքերը կը տաքնային բզկտուող արուներուն արիւնովը, զոր յաղթականը կը խմէր ա՛լ։ Այսպէս էին սիրա՜ծ։ Ի՜նչ ողորմելի է մեր բառը ` պատկերելու համար յիմարութիւնը, անըմբռնելի առքը, որով կը գործէր սեռը նախապատմական դարերուն այսպէս էին ապրած ով գիտէ քանի՜ հազարամեակներ առաջ անոնք, որ այսօր վերմակին կը վստահին սեռին անգթութիւնը, անասնութիւնը, սպաննող, ոճրագործ նկարագիրը դիմակելու, մալելու դերը։ Շահրուկենց հա՜րս։ Անիկա սարսռաց բոլոր միսերէն ու ոսկորներէն, երբ պատկերը ընդարձակ եց մտքին մէջ։ Յետոյ զգաց, որ այս խառնակ զգայութեանց հանդէսը կը գտնէր մէկէն լայն հանգիստ մը։ Ու դատեց, որ իր խռովքը պատճառ էր այս անձկութեան։ Ան ապահովուեցաւ սակայն ձայնին հաշուոյն, որ կրնար իյնալ դուրս պատուհանէն, թէեւ ամրափակ զոյգ վարագոյրներով։ Ու անդրադարձաւ, խաղաղութեան ամպի մը ընդմէջէն, թէ դիտելով, մտապատկերելով եւ յուզուելով հանդերձ իր արգանդին ալքերէն թրջած էր սաւանը անոր ներքեւ , անիկա խորապէս ականջ ալ եղած էր այդ պահ եր ուն։ Ուր՝ շունը, որուն աղաղակը առաջին ազդանշանը պիտի տար գայթակղութեան։ Ե՞րբ տեսաւ Սերոբը, սմքած, փլած, բերանը քակելու իսկ անկարող, որ կը ջանար մեղմել քիթին խրխռոցը։ Մտածեց, թէ ինչո՞ւ չէր արձակեր, ազատ ձեռքովը, թաշկինակը բերնէն։ Ու տեսաւ կրկին տղան, որ գլխուն վերեւ կանգուն, խնայելու համար վտանգող աղմուկը, մատնացոյց կ՚ընէր մեծ դանակի մը գլուխն ալ, դեռ չելած գօտիէն։ Անիկա կը սպառնար բառերով, որոնք մետաղեայ, բայց կակուղ հնչում ունէին, հսկայ երկաթին անցընել անոր մարմինը ու հանել կռնակէն դուրս, ինչպէս կ՚ընեն կովու մը սիրտը շիշի մը մէջէն, եթէ փորձէր ճթթու 10 մը թող տա լ ։

-Կը հասկնա՞ս։ Հա՛, մէկ կողմէն մէկալը։

Ու հանեց ահագին դանակը, անանկ վարժ, անանկ աղուոր, ինչպէս կ՚ընէր, դպրոցական՝ հանելու ատեն գրիչը՝ տիվիթէն ։

Կանգուն մը կար երկաթին հասակը միայն։ Ուրկէ՞ գտած էր։ Ի՞րն էր։ Ո՞ւր պահած էր։ Մտածեց Աղուորը, բայց տարօրէն հեշտական բան էր անոր համար, նայիլ այդ երկաթին ու չվախնալ։ Ու տարօրէն գոհ էր անիկա այս հանդէսէն։ Կը զգա՞ր, թէ մատին մէկ շարժումը բաւ էր այդ երկաթը դարձնել պատենքին։ Ինչո՞ւ չնեղուեցաւ տղուն շեշտէն, չափազանց բիրտ, որ անցաւ բառերէն ըսես ոտքին ու աքացի ըրաւ զայն Սերոբին քամակին։ Հարուածին տակ, կծիկի մը պէս, որ դիրք ու տեղ մը փոխէ, Սերոբին գլուխը իջաւ աւելի վար ` անկողինին տակ, լուռ, խլուրդի մը նման, շունչ քաշելու իսկ վախնալով։ Ու թաշկինակին մէկ ծայրը արիւնոտ պոչի մը պէս կ՚երեւար ճերմակ սաւանին կուշտէն։ Հակառակ անհուն տառապանքին, սարսափին, ինչո՞ւ անոր չէր յաջողուեր արգահատանք առաջ բերել առնուազն կնոջ մը սիրտէն։ Աղուորը չէր գիտեր, թէ հոգի՛ն է, որ կը վարէ մեր ճակատագիրը։ Ինչո՞ւ կը մեղքնանք սա մէկ աղքատին, որ մեր դուռը կը զարնէ, եւ կը վռնտենք սա միւսը, որուն ըրածը տարբեր բան չէ սակայն։ Նալպանտենց Սերոբը սատանութեան, իգութեան, անգթութեան, ստորնութեան կենդանի համադրութիւն, այս ժխտական հեղումները սառեցուցած ոսկիին եւ արծաթին պաղովը, ու պաղովը մա՛նաւանդ ողնուղեղին, իր շուրջը կը ստեղծէր անհուն հակակրանք։

-Ատա՛նկ, հա՛։ Ատա՛նկ։

Սողոմը չվերցուց երկրորդ ոտքը։

Ոչ մէկ աճապարանք։ Շուարման ոչ մէկ նշան։ Կանխամտածուա՞ծ այս ամէնը։ Կարելի չէր ճշդել ատիկա, որոշ արարքի շարժումի սա պակասին պատճառով, որ տղուն կեցուածքը կ՚ընէր պարզ ու առանց նպատակի։ Ստոյգ էր, որ անիկա չէր նմաներ դրամի համար տուն մտնող ասպատակին, որ առնուազն ընկեր մը ունի հետը, եւ թշնամի՝ ամբողջ ընտանիքը։ Չէր նմաներ դարձեալ միւս տիպարին, որ հանած-վարած, թուրքերու հարեմներուն մէջ մարզանքը ըրած իր առնութեան, կը թափանցէր կիներուն անկողինը, քիչ անգամ հետը ունենալով համեմատութիւնը անկողինին իրաւական տիրոջը՝ էրիկին. վասնզի կային ատոնք ալ, շատ հազուադէպ թէեւ, որոնք իրենց կնիկները իրենց ձեռքովը կը յանձնէին իրենց շահերուն ցուցմունքին։ Բռնապետութիւնը եւ թուրքերու փոփոխութիւնը շրջեր էր, շրջելու վրայ է դերերը։ Սողոմը կը զատուէր երկուքէն ալ։ Երկու տարին զայն կ՚ընէր ազատ, դիւրագիծ, սովորական գրեթէ, իր տունին մէջ եղող մարդու մը արտայայտութեամբ։ Տանտէ՞ր։ Գուցէ։ Բայց անառարկելի իրաւունքով մը՝ տէրը մա՛նաւանդ կացութեան։ Տէ՜րը սա կնիկին, իր դանակին սայրովը։ Սանդուխներուն ոտնաձայն։

Նետուեցաւ դուրս։ Հեւքէն, քայլերուն կշռոյթէն, բադիկ-բադիկ, ճանչցաւ հաճի Աննան։ Հիւա՜նդ։ Մտածեց։ Ժպտեցաւ ալ։ Յետոյ ի՜նչ յստակ տարբերութեամբ դատեց երկու Նալպանտները, տղա՛ն ` աղբ ու խլինք, մա՛յրը, որ կորովի ու վճռական, ելքը կ՚ընէր սանդուխին, մահուան վրայ քալողի հնօրեայ հերոսութեամբ։ Երկու ձեռքերովը բռնած սանդուխին ամէն մէկ աչքը, չկրնալով շտկել մէջքը, անիծակուռ՝ բայց անաղմուկ, հեւասպառ ու հաստատ, ան կը բարձրանար դաժան տեսարանին։ Սողոմը հանեց դաշոյնը, զարմացած իսկ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կրնար դրած ըլլալ զայն պատենքին։ Ու այս շարժումը կը բացատրէր սակայն ամբողջ այս տրամը։ Հաճի Աննան տասը հատ Սերոբ կ՚արժէր։ Սպասեց։ Չէր իսկ դառնար ետ ` հսկելու համար Սերոբին, որ կրնար պատուհան վազել։ Կը հաւատա՞ր Աղուորին։ Բայց անիկա ինքզինքը հեռու կը զգար մահուան ոլորտէն։ Մենէ իբր բխում զայն կը ճանչնա ն ք բաւական առաջ, մարմինին խուլ պրկումներէն կամ անհաւաքելի լքումէն։ Մենէ դուրս իբր մեր վրայ խոյանք, մահը պատկեր մը կը հագնի։ Հաճի Աննա՞ն։ Սերո՞բը։ Ահա թէ ինչու անփոյթ է ան։ Ատկէ զատ համոզուած էր անիկա, որ մորթէն դուրս ամէն սրբութեան օտար Սերոբէ էֆէնտին պիտի չընէր եղերական յիմարութիւնը։ Ո՞վ էր բռնուածը բոլոր անոնցմէ, որոնք Սողոմին նման տուն կը մտնէին, կը սպաննէին ու կ՚ամրանային լեռը։ Ու տուն մտնողը յիմար չէր հարկաւ՝ զատել չգիտնալու չափ կ տ րիճն ու իգացած երիտասարդը, զօրաւոր ազգականներով պաշտպանուած բնակարանը եւ գեղ մը մարդէն գ արշագին ատուած սա հարուստին մռայլ պալատը։ Բայց պառա՞ւը։ Ինչո՛ւ չէր պոռար։ Երբ ձեռքը դրաւ սանդուխի վերնագոյն աչքին՝ անոր ուժերը սպառած էին բոլորովին։ Փակցուց մատները, երկարեց հասակը, ու փորովը լեցուց մէկ աչքը ` ամբողջ վար չսահելու համար։ Բայց չէր կրցած մարմինը քաշել վեր։ Հասաւ Սողոմին ափը անոր մէջքին ու մէկ շարժումով նետեց զայն տախտակամածին։ Մեռնի՜ մարը այս բազուկներուն ուժին։

-Ծպտուն չհանես։

Մնացեալը կարելի էր կարդալ դաշոյնին լեզուէն, որ կորացաւ անոր ափէն դէպի պառաւի ն կուրծքը, ձախ ծիծին տակովը, շօշափելու չափ սիրտին խաղը, իր բառովը՝ «սիրտին դուռը»։ Պառաւէն ոչ մէկ շարժում ընկրկումի, վախի, աղաչանքի։ Այդ վայրկեանին անիկա վեր էր մահէն։

-Ո՞ղջ է։

Լռեց։ Շունչը հատա՞ծ էր, թէ չունէր արդէն։ Բայց մա՜յրն էր, այդ քայքայումէն, ջախջախումէն տակաւին կանգուն, փրթող գերագոյն ճիչը, սրտառուչ ու խեղճ։

-Ինչո՞ւս է պէտք անոր արունը։

Բաց դուռէն, լոյսի խեղճ՝ բայց որոշ կտոր մը իր մէջ կ՚առնէր դանակի ն կէսը, ինչպէս դէմքը տղուն, տարտամ իր դեղնութիւնը տարածելով երկու միսերո՜ւն վրայ. վասնզի ողորկ մարմինը դանակի ն, դեռ մէջքին ջերմութեամբը գոլուտ, չի զատուիր մեր մատին տակ կիներուն թեւերէն։ Նոյն քաղցրադէմ տղան։ Սուտ ըլլար ափին սա մահուան եղջիւրը։ Որեւէ պատկերի մը վրայ, զոր մենէ կը հանեն պահը, դէպքերը, մեր հոգիին գերագոյն իսկութեան այս հեղումը չի վրիպիր շրջանակէն։ Խենթ չեն անոնք, որ կը մօտենան կատղած ցուլին ու կը շոյեն անոր եղջիւրները։ Խենթ չեն միւսներն ալ, հասուն կամ ծեր, որոնք դանակին վրայ կը քալեն ու կը բռնեն դաստակը սպաննողին ոչ թէ ուժով, այլ ա յ ն անդրագոյն հեղինակութեամբ, զոր կեանքը ամբարած է անոնց աչքերուն, ձայնին ու գնացքին։ Հաճի Աննան, աւելի լայն.

-Տղա՛յ, դուն երդում ունիս, հ օ րդ գերեզմանին վրայ երդում։ Չե՞ս վախնար։

-Չեմ կերեր երդումս։ Որո՞ւ բացի այս բերանը։

Հպարտ էր ու գեղեցիկ։ Անիկա գաղտնիքէն աւելի կը խորհէր իր սիրտին։

-Ի՞նչ գործ ունիս հոս։

Ամուր էր հարցականը պառաւին բերնէն, ուր դեռ կը բաբախէր սանդուխին հեւքը։ Հաճի Աննան կը դառնա՞ր իշխողի իր բնազդներուն։ Իրողութիւն էր, որ վստահ էր անիկա, նման ամէն օրուան։ Մահէն սա արհամարհանքը, հին կնիկի հռչակաւոր իր հեղինակութիւնը, փողոցին հանդարտ չէզոքութիւնը, ուր լռութիւնը սեւցած ապառաժի մը նման կ՚երկննար, թերեւս յաջողէին սանձել գալիքը ո ւ տղան տանիլ, առանձին իր խուցը, եթէ նոյն վայրկեանին դուռին մէջ չցցուէր Սերոբը, հեւասպառ, թաշկինակը կախ բերնէն, եղկելի ու տգեղ։ Կարծես երէկուան դպրոցականը ըլլար, տասնհինգամեայ ու լեղապատառ։ Ոչինչ այնքան խոտոր արդիւնք ունի բռնութեան, ուժին վրայ, որքան աղկաղկ, անծածկելի մեր տկարութիւնը։ Ի զուր են անցած քսան դարեր մարդուն ողբերգութեան վրայէն, որոնց մէջ քարոզուած է հակառակ պատգամը, գութին ցնորքը։ Ու ասիկա ըսելը հոս, աժան ինքնա տպ ութեան ցոյց մը չէ, ոչ ալ մարդկութեան վրայ ի յառաջագունէ ծրագրուած դիւրին յարձակողական մը, ինչպէս հիմա նորութիւն է ընել, հեշտ կիներու ծոցին մէջ զանոնք փառաբանելէ յետոյ, թուղթի վրայ, հանդէսներու կամ գիրքերու էջերէն զանոնք կոյանոցը խոթել-հանելով։ Սերոբին այս կործանումին դէմ Սողոմը դարձաւ ծանօթ, ընթացիկ ու հարիւր ժողովուրդի վրայ փորձուած այն վայրագութեան, որ լիովին բացատրելի կ՚ընէ տկարներուն վրայ գործադրուած խժդժութեանց առեղծուածը։ Ցեղերը ազատ չեն այս օրէնքէն։ Ինչ որ վայրենութիւն կը կոչենք, ուժի օգտագործում մըն է ամէն բանէ առաջ։ Անոր ճակատը փոթ-փոթ եկաւ ներքին կրակէն, այնքան զօրաւոր էր իր ատելութիւնը։ Սենեակէն ձա՛յն մը, նոյն րոպէին, որ Սերոբին գլխուն վրայ ինկաւ դուրս։ Աղուո՞րը։ Մոռցուած էր գրեթէ։ Անոր անձէն այս շշունջը բաւ եղաւ, որպէսզի քակուի պրկումը Սողոմին ատամներէն։

՜ նչ գործ ունիս հոս։

Պառաւն էր կ՚արտորար ու կը փորձուէր օգտուիլ։

-Դուն գիտես իմ գործս, - պատասխանեց անիկա։

Հանդարտ, առանց կարենալու շնական ըլլալ, անոր նախադասութիւնը կու գար դաժան հեգնութեան մը խանձարուրքէն։ Բայց չամրացաւ ու չտեւեց այս երանգին վրայ։ Ու փոխվրէ՞ժ մը, իր կարգին, որ տպաւորէին անոր բառերը իբր աղաչանք մը ` ուղղուած պառաւին, պարունակելով կարօտ, անձուկ, աղերս ու նախատինք հաւասարապէս։

-Ո՛տքդ պագնեմ, մամաս։

Դպրոցի տղա՞յ։ Սերոբն էր ` բոլորովին դուրս սենեակէն, ջանալով մօտենալ մօրը։ Աղտոտ, ստոր, գարշելի։ Հոգիին գաճաճութիւնը աւելի գռեհիկ է, քան մարմինինը։ Ու գաճաճ է հոգին, երբ չէ աճած տարիներուն աղին ու պղպեղին մէջ։ Գուցէ ուրիշ պահերէ անոր զգացած հպարտութեան, մեծամտութեան զրահաւոր պատկերը կը միջամտէր սա վայրկեանին ու կը խորտակէր անոր բարոյական շէնքը։ Գուցէ եղկելիէն չափով մը աւելի էր ինչ որ դուրս կը պտղէր հիմա, անոր հոգիէն, աչքի, շեշտի ու սարսուռի տարազներով։ Վախը կեղծ է մեր հոգիին ու զայն զզուելի ընող ամէնէն աղտոտ խաւը։ Կը հանդուրժենք ոճիրը ու կը հաւնինք արի մարդուն, երբ անթարթ կ՚ընթանայ դէպի մահը։ Ու վախը նկարագիր ալ է, որ կը հիւսուի շատ դանդաղ, մեր սկզբնական տարիներէն։ Մնաց որ, երբ մարմինը կ՚առնէ վերջնական իր կազմը, հոգին դեռ բաւական երկար կը պահէ իր մանկականութիւնը ` երեւան գալով բոլոր քիչ մը խիստ ցնցումներու ատեն, նախնական իր ոստայնով։ Սերոբէն հնչողը, այդ վայրկեանին, ճիշդ ու ճիշդ ձայնն էր պատանիին, լպրծուն, թաց, պաղատագին։ Այդ ձայնն էր, որ կը բերէր տեսարանին իր ամէնէն ժխտական տարրը։ Կնիկ մը իսկ հանդուրժելու չէր այդ լղարումին։ Ամօթէն նիզակուած՝ արիւնը խուժեց գլուխը պառաւին, որ ելած էր արդէն կրունկներուն վրայ։ Ան մէկ ձեռքով կը պաշտպանէր զաւակը ` իր մարմինը քշելով երկուքին մէջտեղը։ Յետոյ վերցուց աջ թեւը, քիչ մը դժուար, ու բռնեց երիտասարդին դաստակը, անուշադիր՝ դանակի ն երախակալին, որ կը նեղէր կնիկի իր միսերը։

-Ի՛նչ ընես պիտի…

Կամաց, յանդիմանող, բայց անհնարին ատելութեամբ, որ իր սաստկութեան իսկ պատճառով կ՚անցնէր զգալիութեան սահմանէն, անիմաստ ըլլալու աստիճան։ Ձա՛յնը՝ շերտ-շերտ, չբարձրանալու ճիգին մէջ այդպէս պատռտուած ու անկիւնոտ. կակուղ՝ ինչպէս կապարի սղոցուքը. խուլ ու գուլ, ա՛յնքան՝ որ կրնայիր տեսնել հարիւրամեայ ժանգ, ատելութեան թթու եւ զգուշութիւն։ Ծակեց անիկա, կապարի պէս տղուն սիրտը։ Ի՞նչ ընէր պիտի։ Բայց աչքերը կ՚աւարտէին պառաւին չըսածը։ Ու լեզուն միշտ յանցաւոր է։ Խօսքին բոլոր սանդուխներուն քաջածանօթ, մասնագիտօրէն փորձ զայն վարելու, գործածելու մարզին վրայ՝ ան զգուշացաւ «գազան»ը գրգռելէ։ Արտակարգ լրջութեամբ կը տնտեսէր իր տաղանդին աղբիւրները։ Ո՞ր ժամանակ այսքան ճակատ ճակատի էր վտանգին։ Անոր մտքին վրայ կախ էր դառն ստուգութիւնը, օրինակներէն ու, մա՛նաւանդ՝ Սողոմին բնութքէն։ Արիւնին, մահուան, կրակին բոլոր հրթիռները քուն՝ կը հագչէին անոր մէջքին։ Լուցկի՛ մը։ Ու անոնք կը բռնկէին։ Կը ճանչնար Սողոմը քիչ մը աւելի, քան շատ գիտցուկ իր տղան։

-Կը սպաննե՛մ որ պոռաս։

Ազատ անոր ձեռքէն կը դողար դաշոյնը ` կարծես խազխզելով պարապին վրայ չըսուած գիրերը սպառնալիքին։

-Չպոռա՛ս դուն, - վրայ բերաւ պառաւը, աւելի սրտոտ ու հրամայող։

Բայց գերագրգռուած ու միամիտ երիտասարդը հնարաւորութիւն չունէր հաճի Աննային հաշիւներուն։ Ան ուրկէ՜ հասկնար, թէ այդ պահուն, ինչպէս միշտ, պառաւին մէջ արթունը, խօսողը, տիրողը գերդաստանին, օճախին յաւիտենական ասեղն էր։ Գիտէր միայն մէկ բան։ Ան Աղուո՛րը կ՚ուզէր։ Ու զայն ունենալու համար հաւու պէս կը մորթէր մայրն ու տղան։

Դուռին մէջ յայտնուեցաւ Աղուորը։ Բան մը առած վրան, բայց կիսասքող, ամբարաձիգ ու թեթեւ։ Անխնամ այս ձեւը ի՞նք կը փնտռէր, թէ սորված էր հայլիէն։ Անոր սիրական ու մութ մէկ հաճոյքն էր անկողինի հանդերձանքով անցնիլ փայլուն ապակիին առջեւէն, տեսնել իր ձեւերուն մեղմ կորագիծերը եւ կէս մը ժպտիլ ` սիրող մը փնտռելու անարտայայտ հեռաւորութեամբ։ Երիտասարդ բոլորէն աւելի չմաշած միսն էր անոր ո՛չ խոփէն, ո ՛ չ ալ արեւէն ու հզօր։ Անոր մուտքը, այդպէս այլուրային ու խելացնոր, բաւ եղաւ, որպէսզի կոտրին, սմքին ու սատկին բոլոր շարժումները եւ աղմուկները։

-Ի՞նչ կայ։ Դանա՛կը ինչ է։

Տարբեր ըլլալու չէր ձայնը, շեշտը, հագուածքը, հեքիաթին կնիկներուն, որոնք կ՚երեւին ` դանակը բռնելու համար դեւերուն ձեռքէն կամ վագրերն ու առիւծները կատուներու նման կը պտտցնեն իրենց կրունկներուն ետեւէն։ Տիրակա՞ն։ Լեղի՞, այսինքն՝ հարուստի լրբութի՞ւն։ Երբեք։ Անդիմադրելի էր ան իր քաղցրութեամբը։ Անոր մատին գծած աղեղէն Սողոմը կրնար երկինք ճամբորդել ` գործադրելու անոր հրամանը։ Ամօթահար՝ դրաւ դաշոյնը պատենքին։ Եղաւ թունաւոր խաղաղութիւն, թմբրային ու խուժդուժ։ Եղաւ դառն, խօսուն, կարմիր լռութիւն, որ կը հոսէր դուռին յատակէն, կը հոսէր վար սանդուխէն, բայց բոլորը կ՚առնէր մէջը իր փաղաղումին։

-Նե՛րս գնա։

Ըսաւ էրկանը ` առնելով մէկդի անոր բերանէն մէկ պոչովը կախ թաշկինակը եւ նետելով գետին։ Չհաւատալով կատար ո ւածին՝ Սերոբը կրկնել չտուաւ հրամանը։ Դուռը բաց էր միշտ։ Լոյսը՝ ալեկոծ, նիհար, սուտ։ Անոր անյայտացումը՝ տեսարանին կը դարձնէր աւելի ընտանի, իրերամօտ բան մը։ Գոնէ շաբաթէ մը ասդին, մնացողները վարժուած էին իրարու։ Բայց մէկէն սկիզբ առաւ անորակելի անձուկը։ Ի՛նչ ունէին իրարու ըսելիք։ Մէկը հրեց զանոնք վար։

Երեքը մէկ իջան սանդուխները։ Սերոբը չըլլար, եղած չըլլար բնաւ։ Օճախով սենեակի սեմին Սողոմը քշեց, քիչ մը բիրտ, պառաւը դէպի ներս, որ կարծես գիտնալով, հնազանդ ու գոհ, սուզուելով մութին մէջ։ Յետոյ առանց ատեն թողելու, որ անդրադառնայ եղածին, առաւ մէջքէն Աղուորը, որ կը վարանէր։ Կտրեց անոր ոտքերը գետնէն, առանց ճիգի։ Ու Նալպանտենց լեցուն հարսը մեծկակ աղջնակի մը նման թառած էր անոր ծոցին, յարդարուած իրեն համար, ըսես, մանկութեան դուռներէն, ինչպէս կը յիշուին քանի մը ամուսնութիւններ, այդ սկիզբով։ Ո՛չ դող, ոչ ալ յոգնութեան փաստ Սողոմին մարմինէն։ Ուժին այս ապացոյցը ըրաւ խաղաղ ու քաղցր անոր շտապը, կարօտը, հեւքը, զայն հում-հում ուտելու չափ տարփագրգիռ անոր շրթները։ Այսպէս գրկուած, վերցուած Աղուորը անցաւ չարագուշակ արգելքը, փտած սեմը, զոր հաճի Աննային կեսուրը պառկեցուցեր էր հոդ, հարուստին ու աղքատին մէջտեղ որդնոտ այդ պատը կանգնելով։ Անցաւ Նալպանտենց հարսը, աւելի երջանիկ, չըսելու համար աւելի չէզ ո ք, քան Շահրուկենց Շահրուկը, մութով սաւանուած ու մտաւ խուցը, խոնաւ, խեղճ՝ բայց պալատին հետ չփոխուող։ Գեղը գեղ էր դուրսը, սեւ կո՛յտ, ուր փախստեայ լոյսերը տարտամ փայլակներ կը գունաւորէին։ Կը ջանար շինուիլ մարդով թրթռուն աղօտայնութիւն մը, որ կեանքը կը խորհրդանշէ եւ չէր շինուեր։ Պառաւը՝ ամբողջ ականջ։ Անոր սիրտը փրթէր պիտի տեղէն, հիմա՝ որ արձակ արշաւող ձիու մը սմբակները կը կոխոխտէին լանջքը, սրտին դուռները, կռնակն ու կողերը։ Ցա՞ւ։ Մտիկ պիտի չընէր, վճռած էր։ Լսուեցաւ ճռինչ մը, խուցին դռնակէն, սեւ գիծի մը նման, որ երկար էր։ Յետոյ դողդղաց ` փրթելով, շինուելով։ Չէի՞ն գոցեր կամ չէին սպառած իրենց անհամբերութենէն։ Յետոյ լռութիւն։ Հաճի Աննան իջաւ իր լարուածքէն։ Ան վախցած էր փողոցի դրան հաշուոյն։ Ո՞վ պիտի բռնէր անոնց թեւէն, եթէ ատ խենթութիւնն ալ փորձէին։ Ամրացաւ խաղաղութիւնը։ Խուցին ներսէն հեծքերը անզօր էին մութը ճեղքելու ու հասնելու օճախով սենեակին։ Նալպանտենց Սերոբը կանչուեցաւ վար։ Դեռ նեղուած հեւքէն, եղկելի, բայց գտած իր դաժան կնիքը՝ կը նայէր մօրը ապահով դէմքին, ուրկէ գրեթէ գող-գող կը սրբուէր փոթորիկի մը թեւը։ Տո՛ւնը, հսկայ լռութիւն մը ինքն իր վրայ քարուած, դէզ, անթափանց։ Անոնք վախկոտ եղան խօսքէ։ Ձէթէ կանթեղը կը սառէր իր բոցին մէջ ` նման մտածումին, որ կը պտղէր անոնց ուղեղին հեղուկին մէջը։ Պատերը եղան աղտոտ այդ լոյսէն՝ սգաւոր ու խոնաւ։ Արցունքը հոգին ալ կը թրջէ։ Ու արցունքը հոս ուրիշ աղերէ կազմուած բան մըն էր։ Մօտեցաւ դրան։ Մայրը կախուած էր գօտիէն։ Ու իրարու ուսէ անոնք ականջ տուին։ Ոչինչ, միայն ծառաներու պատին դուռը, որ թեթեւ կը դողար, սկսած հովէն ու կը ծեծէր հինաւուրց շեմը, հաճի Սառային արգա՜նդը։

Արգանդի ճամբա՜յ։ Գիտենք, թէ կը պեղես ինքզինքդ սարէն ու ձորէն։ Գիտենք, թէ ոսկեզօծ բակերէն կ՚ախորժիս արքենի ու պալատներուն ու հարուստներուն, աղուորներուն, տէրերուն եւ հզօրներուն որովայնը կը կամարես ու աշխարհք մը գանկ, աշխարհք մը արիւն, աշխարհք մը իմաստութիւն ու արուեստ առած կռնակիդ՝ կը քալես դէպի գագաթ կամ դէպի անդունդ։ Քեզի համար վախճանը մահն է ու չես փափաքիր։ Գիտենք, թէ խուցերն ալ չես մերժեր։ Պարզ կիները ու աղջիկները նոյն առքով կը հովես։ Ու երբ կը ցատկես խոնարհ սեմերէ յաճախ, անդունդ կը տանիս նոյնքան փառք ու գինովութիւն, նոյնքան մը կրակ։ Քու մագիլներուդ համար նոյն արժէքը ունին արքենի արձակութիւնները, ինչպէս գերեզմանի մը փոսը։ Ու վա՜յ «կամուրջ»ներուն՝ ինչպէս ըսած է գեղացին։ Ես կ՚աւելցնեմ.

-Վա՜յ ճամբորդներուն։

1 Կոնկոն երկու հնչուն առարկայ իրարու զարնել եւ հեգնել պատահարի մը գայթակղութիւնը։

2 Խշում յանկարծահաս աղէտ` մահով վերջացող։ Նաեւ` ցասում, շանթահարող տեսակէն։

3 Երտ խանձող փայտ։

4 Թուր ուրկէ` թռել կապուիլ։ Խմորի մէջ բռնուած ձեռքերը կու տան այս պատկերը։

5 Ծափ անուշի փոքր կարաս, թակոյկ։

6 Ծպտուն ձայն, ճիչ (փոքր)։

7 Գունճ գուղձ։

8 Ճաղ վանդակ։ Փոխաբերաբար` դագաղ, որ երկու վանդակաշէն թեւերով կը յօրինուի։

9 Հոգիին խմշիլ սպաննել։

10 Ճթթու թռչունի ճիչ։