Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Լուսդէմ։

Դիւրին՝ ըսելը։ Բայց պէտք է անցած ըլլալ այդ երկանումէն, այդ սղոցումէն, կարենալ դատելու համար մայրն ու տղան, նոյն այդ օճախով սենեակին խորը, իրարու աւելցած, իրարու փակած, իրարու փոխանցուած իրենց վախին ու ատելութեան բիւր բերաններովը։ Անորակելի այդ տեւողութիւնը, սպասո՜ւմը՝ ուր կը հայհոյես ժամանակին, որ չի քալեր մեր պատրանքներուն մեծագոյն շտեմարա՜նը, որուն յատակը յաճախ մուկի ծիրտ պիտի գտնենք, բայց չենք ալ այրեր , բայց որուն աչքերը պիտի ուզէիր խորտակել, որպէսզի չքալէ՜ր։ Տախտապարուած՝ հզօր, խելքէ-միտքէ դուրս պատահարէն, որուն վարագոյրը կ՚իյնար ծառայի մը խուցին՝ անոնք պէտք ունեցան իրարու իմաստութեան, կորովին լուսդէմը ձգելու համար ձեռք։ Անոնց վայրկեաններն իսկ զատ-զատ կտորներ էին ժամանակէն, վիճակի տախտակներ, բոլորովին հակադիր իրարու կործան ո ւած՝ մշակի մը կտորէն այսպէս կոխկռտուած , յաջորդին մէջ՝ կատաղի, հարուստ, իրենց միջոցներուն անսպառ թափօրովը, անցեալին ամբողջ դասերովը, կառավարութիւն ու ոսկի, հարիւրապետ եւ խելք, ազդեցութիւն եւ աղերսագիրներ, որոնք կը խմբագրէր Մենծ սրճարանը, հիացուած, փառաւոր ու երջանիկ։ Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ այս ոգումներն ու իմաստութեան ցուցատախտակները անոնց արտօնուած կարելի մխիթարանքն էր ցնորական մութին ամբողջ տեւողութեամբը, երբ կը վախնան քունէն թէ արթնութենէն։ Թարթիչ չդպցուցին թարթիչի։ Հակառակ խոստուկի 1 պէս զինքը կոտ-կոտ կոտտացնող փափաքին՝ հաճի Աննան չհամարձակեցաւ իջնալ օճախով սենեակին երեք աչքնոց սանդուխէն, երկննալու համար դէպի ծառաներու բաժինը։ Գիշե՛րը՝ Երեքշաբթի, այսինքն՝ յաճախուած ամէնէն սեւ սիրտ ու անողոք չ արքերէն։ Ան չնեղուեցաւ արգիլելու Սերոբն ալ, որ անկիւնէն մինչեւ սենեակին դուռը կը քալէր, բայց հոն կը սպասէր, որ մայրը կախուի ետեւէն։ Ու կը հոսէր ժամանակը, ինչպէս մութին մէջ հսկայ աղբիւրէ մը անընդմէջ պարպուող ձայն մը, ինչպէս թանձր հեղուկ մը, որուն ծորակը պառաւի սիրտէն կ՚առնէր իր բխումը, ա՛յնքան՝ որ լռութեան վրայ անոր, ծորակին հեղումն ալ զգալի կ՚ըլլար։ Ու ինչպէս մեծատարած մութ մը, անոր մէջ կը թանձրանար Սողոմենց տունին ու անոնց տղուն իմաստը, միատարր եւ ողողիչ։ Ան չկրցաւ խորհիլ ուրիշ բանի, ամէնէն քիչ՝ իր տունին ամօթին, ու գրեթէ բնաւ՝ իր մատներուն, որոնք այդ կրակին դուռը բացին իր տունին վրայ։ Իր ճիգերը, միտքը ազատելու այս սարսափի, կատաղութեան, անպարագիծ ատելութեան հնձանէն, չունեցաւ արդիւնք։ Տասնէ աւելի ան գ ամներ սկսուած չէզոք խօսակցութիւններ անտեղի, ձանձրացուցիչ հիւրերու նման դրուեցան ճամբայ։ Խօսքը նիւթական ցաւ էր պառաւին, որուն կզակներուն քովերէն ասղնտուք մը կար ու կտրելու նման կը ծակծկէր անոնց միսերը։ Ու տաք կար։ Այսինքն՝ տաք էր անոնց գլուխը, ուր հսկայ զարկեր կ՚ելլէին ու կ՚իջնէին, սրտին հետ նոյնամակ, բայց անջատ իրենց հծծագին երկարումովը դէպի ողնուղեղը։ Ա՛յնքան՝ որ շատութեան, շատ սիրտերու այս զգայութիւնը իբր նոր տագնապ մը կ՚աւելնար իրենց անձուկին։ Այս մրճահարումները, ճակտին քովերէն, սեւցուցին նոյնիսկ տղուն աչքերը։ Մայրը լաթ թրջեց ու կապեց աչքերուն վերօքը։ Պէ՞տք էր մարել լոյսը։ Պատուհանները կը նմանին օտարներուն, կը մատնեն ուզեն-չուզեն։ Անոնց մատնելի՜քը։ Բայց գեղին տուները ցերեկին իսկ կ՚ատեն լոյսը։ Գիշերին՝ լուսաւոր փոքր ապակիները միշտ ծանր բաներ պատմեցին փողոցին։

Խօսեցան սակայն։ Վասնզի ոչինչ այնքան դժնդակ է մեզի, որքան կապելը լեզուն, երբ մեր կոկորդէն վար աշխարհ մը ըսելիք շարուած, կարգի կը սպասեն դուրս խոյանալու։ Անոնք, որ մնացին լուռ, այդ գիծէ առիթներու, ճաթեցան իրենց մէջտեղէն կամ խօսք առին մահուան գնով։ Անհատին համար արժող այս վարկածը ճիշդ է գուցէ ցեղերուն համար ալ։ Ու անոնց բառերուն վրայ թեթեւ խարանի մը նման կը դողդղար անլուր խաղքութիւնը, սանկ տնավարի, սանկ փոքր դիպուածի մը վերածուած գրեթէ։ Ասիկա՝ առաջին անկարող զայրագնումէն յետոյ։ Ի՜նչ առաձիգ տախտակ է բարքին, բարոյականին, քաղաքակրթութեան գրատախտակը։ Ի՜նչ դիւրութեամբ սպունգը կը գործէ հոգիին՝ ինչպէս պատմութեան երեսին վրայ։ Հեքիա՞թ։ Իրականութի՞ւն։ Ջնջուած էր պատահար է ն՝ ամէնէն թունաւոր, անհանդուրժելի ամօթը։ Այսպէս կը քալէ մարդոց մեղքին սայլակը քաղաքակրթութեան պողոտաներէն, հիմա՝ ասֆալտուած եւ երկաթ ալ։ Այսպէս կը քալէ սակայն մարդոց տառապանքն ալ, սայլակի տեղ սի՜րտ մը հեծած։ Կը կրկնուէր, մայր ու տղու համար ա՛ն՝ զոր կը լսենք չէզոք, հեռու ականջներով, այսինքն՝ ուրիշներու հաշուոյն ու պղտորուած նոյնիսկ կ՚աճապարենք մեր տուները, պատսպարելու համար մեր եսը փորձէն։ Ամէն մարդ, ուրիշին համար լսածը կը հաւատայ, երբ չնեղուի ատկէ։ Չի հաւատար, երբ ասեղ կայ իրեն դպելիք։ Ուրիշներուն ցաւը պիտի չզգանք երբեք։ Այս հոգեկան տրամադրութիւնը՝ ինչո՞ւ հոս, մօր ու տղուն մէջ, երբ օտար մը եւ ի՜նչ օտար առած-տարած էր տունին ամէնէն սուղ բանը։ Ինչո՞ւ անոր կսկիծը իջաւ իր հուրքէն…։ Եղաւ րոպէ, երբ անոնք գրեթէ փառք տուին այն գեղեցիկ խաղաղութեան համար, որուն մէջ պլլուած կը սեւնար Նալպանտենց տունը, անզգած, կիսալուսին երկինքին տակ, թաղին գիշերատես աչքերուն դիմաց։ Այսպէս դատելու համար՝ անոնք կը մտածէին ուրիշ տուներու, որոնք նման գիշերներու՝ ճուացին անհնարին հարուածներու տակ, երբ կացին մը թռցուց գլուխը պոռացող կեսուրին եւ անկողին գամեց անզօր հարսնուկը։ Տուին փառք տակաւին ուրիշ բաներու ալ հաշուոյն։ Չէ՞ որ դուրսին լռութիւնը ու տունին համրութիւնը կ՚աշխատէին անոնց հաշուոյն։ Ու փառքէն, գոհացումէն դէպի անհանգստութիւնը նոյնն է ճամբան։ Անոնք չէին կրնար համոզուիլ դէպքերուն ցոյց տուած կամ «հագած» սա յարդարանքին։ Որքան ատեն, որ մութը մարդերը կը զատէ իրարմէ, ըսել կ՚ուզեմ՝ որքան ատեն, որ շատին ապահովութիւնը տեսարանին չի տիրեր, մարդիկ իրենց անզօրութեան շղթայուած եղկելի ստուերներ են։ Տկարները պիտի վախնան գիշերէն, անհատ թէ ժողովուրդ։ Մեր եկեղեցին մեր արարողութեանց մէջ հսկումի կարգերը տարած է վսեմ խորութիւններու։ Ու մեր գիշերը, նոյնիսկ Շնորհալիի Կիլիկիայէն հագնուած, մեր պատմութեան շինած գիշերն է, զգեստն է մեր ժողովուրդին։ Անոնք, որ այս տողերը կը կարդան, գիշեր ատեն, պահ մը թող մարեն իրենց ելեկտրական լամբերը եւ երթան մեր գիշերին, սա գիշերին, այն երկրին մէջ, ուր մեր ճակատագիրը վառեց մեր կեանքին պատրոյգը։ Ու տեսնեն իրենց հայրերը, մեծ հայրերը ու աւելի ետ ուրիշներ, որոնք կողկողեցան նման պատկերներու դիմաց ու լռեցին ։ Ո՞վ կ՚արգիլէր, որ Սողոմենց Սողոմը չցցուէր կրկին ` պահանջելու համար բանալին երկաթ սնտուկին, ուր կը պահուէին տան գոհարեղէնները, շ արոցները եւ հնչունը։ Չէ՞ որ ատիկա դասական վերջաբանն էր այս կարգի բռնութիւններուն։ Աղուորը, այսինքն՝ օտարին աղջիկը, որ չէր խղճահարեր ուրիշին անկողինը ոտքովը երթալու, ինչո՞ւ չըսէր գիտցածն ալ ոսկիէն եւ ադամանդէն, պահեստէն եւ չպահեստէն։ Իրենց շփոթութեան մէջ՝ անոնք կ՚ընդարձակէին Սողոմին արարքը աւելի անդին, քան իմաստը, քան արժէքով առարկաները տանը, որոնցմէ լաւագոյնը կինը չըլլար երբեմն։ Գողութեան վրայ միացում մը անկարելի՞, երբ ատիկա կար մարմիններուն վրայ։ Սողոմենց Սողոմին, այսինքն՝ անօթիին կողմէ՝ ինչ բնակա՜ն յարձակում մը, հաճի Արթինին երկաթ սնտուկին։ Այս գաղափարը ինչպէս ամէն մտացածին երեւոյթ անգամ մը տարազի իյնալէն յետոյ անոնց աչքին, մինակը բաւեց, որպէսզի հաճի Աննայէն սրբուի հոյակապ մեղքը եւ սենեակին մէջ իրականութիւն, կարելի միակ դէպքը մնայ միւսը։ Ամրացաւ անիկա վախի ձեւով, մօրմէն աւելի տղուն ողնուղեղն ի վար։ Ու այդ զգացումին տակ, անգամ մը դանակին ներքեւէն անցած մարդը եղաւ բոլորովին սուտ բան մը, փայտէ խրտուիլակ մը, հովին տակ շարժտկուն ` ցանկապատին սիւները բախելով։ Պառաւին հիւանդութիւնը ըսես առին, վերցուցին վրայէն աւելորդ, թրջուած վերարկուի մը նման։ Հիւանդ պառկելու ատե՜ն, շիտակը։ Պատահարներու այս նոր ընթացքին առջեւ, աւելի քան առողջ՝ ան կ՚իջնէր կրկէս։ Կեանքի վերջամուտին, դժուար այս ձեռնարկը զայն կը խանդավառէր երիտասարդ օրերու հուրքով մը։ Մնաց որ, պայքարին մէջ նետուած ուժերը, իրենց արժէքին ու արդիւնքին մեծութեամբ, անարժան չէին անոր անցեալին։ Ան, սա պահուն, հոգէառն ալ ետ ճամբէր պիտի, եթէ ասիկա յիմարութիւնը փորձէր, այսպէս անյարմար ժամանակ ներկայանալու։ Փրկուելի՞ք ը, գ ի՞նը՝ այս ճակատումին։ Բայց Նալպանտենց օճա՜խը։ Պառաւը մէկ շարժումով աչքին առջեւ բերաւ ինչ որ կը կազմէր աս տունին փառքն ու միջոցները։ Աւելի՝ ինչ որ անգամ մը փողոց իջնելէ յետոյ ա՛լ չ՚ազատեր մարդը հասարակաց շողիքէն։ Գայթակղութիւնը չի մեռնիր ժամանակով՝ ինչպէս է յաճախ պարագան քաղաքին համար, ուր դաշտին մեծութիւնը նորեր կը բուսցնէ ` հիները թաղելու չափ ուժով։ Գեղը ատոնք իր դժուար օրացոյցին համար հանգրուաններ ու թուականներ կը գործածէ եւ ծնունդ ու մահ կը կապէ ամենագռեհիկ պատահարին հետ։ Անկէ զգուշանալու համար Նալպանտենց հաճի Աննան գրողն իսկ կրնար համոզել։ Բռնութեամբ, բրտութեամբ՝ անիկա ետ կեցուց իր տղան «աշխարհքին» մեծագոյն խենթութենէն։

-Ի՛նչ խեր պոռալէն։

Կրկնեց ամէն անգամ ու մեծ մատովը մշտեց իր տղուն կռնակը, երբ անիկա կը փորձէր պատուհանը բանալ հաւար փրցնելու։

՜ նչ խեր։

Ու մինչեւ սա օրը հուժկու, չծռած պառաւը կը խորհէր սեւ սիրտ այն հաճոյքին, որ նման «աւետիս» մը ուրիշ անուն մը նիհար պիտի գար պատկերելու դէպքին անդրադարձը ալէմին վրայ պիտի թափէր օտարներուն հոգիին։ Մեր վրայ կործող ամէն դժբախտութիւն վայելք մըն է օտարներուն համար, եթէ ո չ չարակամ, գէթ եսասէր կողմէն, քանի որ պատեհութիւն կու տայ ուրիշներուն, որպէսզի իրենց անհաս եսերը լուսաւորուած տեսնեն մերինին հրդեհովը։ Ամէն արկած առնուազն քաղքենի դաս մըն է աշխարհին աչքին, որ իր փորձառութիւնները այդպէսով կը հաստատէ եւ իր իմաստութեան տարփողը կը գտնէ մեր կործանումէն։ Նոյնիսկ մահը բացառութիւն չի կազմե ր ։ Եթէ երբեք անոր հանդէպ զիջող ենք քիչ մը յիշեցէք իրարանցումը հզօր մեռելներուն ետեւէն, երբ ասոնք կ՚իշխեն գերեզմանէն , ասիկա առաջ կու գայ ապահովութեան թաքուն զգացումէ մը։ Մեռելը ընդհանրապէս անզօր արարածն է։ Ահա թէ ինչու դիակ մը կը հաւաքէ իր շուրջը իր ոխերիմները։ Ուրիշին վրայ ցաւիլը, գոնէ այդ ձեւ պատկերացում մը, ցաւիլ է, կամ պատրաստութիւն մըն է, ինքն իր վրայ ցաւելուն։ Կը մեղքնանք այն ատեն, երբ օտարին մէջէն կը խորհինք մեր կորուստներուն։ Պառաւը կ՚արգիլէր։ Ու կ՚արգիլէր, այս մտածումներէն դուրս, գուցէ վախնալուն ալ դանակէն, որուն լեզուն շատ աւելի դիւրաւ պիտի գ տ նէր զիրենք, խցիկէն հոս, քան դուրսէն օգնութեան որեւէ թեւ։ Պիտի լսէին, իրենց անկողիններուն մէջ կնիկները ու պիտի լռէին ` փաթթելով ամուր իրենց այրերը, եթէ երբեք փորձուէին ասոնք յիմար արարքին, ելլելու, ուրիշին համար վտանգի մտնելու։ Կը խորհէր հարսին, որ կրնար կ օ շիկները հագնիլ, փութացած ու քաղցրօրէն ապշահար հանդիսատեսներուն մէջէն բանալ իր ճամբան, ելլել դուրս Նալպանտենց սեմէն ` ա՛լ հոն դառնալու անկարող։ Գոնէ արգանդը չըլլար հետը։ Չէ՞ր գացած առտուն։ Բարքերը, փոխուած, ծակպտուկ նոր հարս մը կը հանդուրժէին։ Կը մոռցուէին, քիչ մը դժուար, իրաւ է, բայց հետախաղաղ, ծոցի գիշերուան աղէտները։ Բայց անլուր էր տակաւին սա միւսը։ Էրկանը տունէն ուրիշի մը հետ պաշտօնապէս հեռացող մը այրած կ՚ըլլար դարձին բոլոր նաւերը։ Ինչե՜ր սպասելի չէին հիմկու հարսներէն, քսանամենի ամուլ, անպեղ արգանդներէն։

-Հէյ Տիրուդ սատկա՜ծը…

Ի՜նչ անհամ է հայհոյութիւնը, երբ ցոյց է, դուրսէն է։ Բայց ի՜նչ անհամ է դարձեալ, երբ չէ հասունցած մեր կիրքին արեւէն։

-Ի՜նչ փորձանք է, Տէ՜ր, - կը մրմռար քիչ ետքը, ու կը դառնար կրունկին վրայ ` նստիլ չկրնալով։ Այնքան խոր էր անոր խռովքը, որ մոռցած էր պատահարին մարդկեղէն կազմը, յար դար անքը, մօրը կամքը եւ իր կնոջը յօժարութիւնը, ու կը մտածէր անառարկելի աղէտներու, որոնք մեզ կը գտնեն առանց պատճառի, շարժ մը, հրդեհ մը, լերան մէկ հոսումը իր յատակէն, ու նման խոշոր ծիրով արկածներ։ Ինչո՞ւ մտքին չէր այցելեր մօրը հանդէպ իր զայրոյթը։ Անո՞ր համար, որ մենք կը լռենք, այսինքն՝ կը ներե՜նք մեղքը, երբ գերագոյն շահեր կը խօսին։ Կ՚ընդունինք զայն, երբ մեզ չի վնասեր։ Կը յարձակինք վրան, երբ անզօր է անիկա։

-Փորձանքին՝ տասը փորձանք։

Կռուազան ու յաղթ իր շեշտովը երբ կը սպառնար տարիներ առաջ Իսրայէլին, թաղականներուն, Մակարենց Կարապետ աղային ու ասոր արբանեակին, ուժ առած լեզու է ն, մարմինէն ու իրաւունքէն։ Փորձա՜նք։ Փորձա՞նք։ Բայց ինչ հարկ հիմակուց համրել զանոնք։ Վասնզի չէք գիտեր, թէ ինչ ըսել է հարուստ ըլլալ ու պառաւ ըլլալ, գեղին մէջ, ուր դրամը ամէն բան է յաճախ (իբր թէ ուրիշ բան ըլլար քաղաքներուն ալ ներսը)։ Ո՞վ պիտի կրնար ճախարակ հասցնել անսպառ այն թելին, որ պառաւներուն ուղեղէն կը քակուի իբր դաւ ու պատուհաս, երբ անոնք իրենց խղճմտանքին սնտուկը կը խառնշտկեն «գդակ հիւսելու» օտարին գլխուն։ Մտովի իր տափկըցնող թաթին տակ կը ձգէր «շան-ծնունդ» երիտասարդը, աղ ու փոշի կ՚ընէր անոր մարմինը եւ կու տար ջուրին ու հովին։ Քանի մը հատը այնքան պարզ, մօտիկ, պատրաստ իսկ էին այդ ծրագիրներուն, որ հազիւ կը յաջողուէր անոր պարտկել անոնց դուրս հեղումը ` մտքէն յանձնարարելով «համբերել»։ Մէկը մանաւանդ, դասական ու հովացուցիչ, փէշերը հաւաքած իջնել Սողոմենց տունը, կատոզ մը արհամարհանք, նախատինք ու անէծք կործել անօթի այդ տունին, ու չքացնել զայն բառերու այդ տարափին տակ, այնպէս որ, ա՛լ չկարենայ շտկել մէջքը։ Բայց զգաց իր սխալը։ Կ՚երեւակայենք ուղիղ, այսինքն՝ մեր ուզած գիծէն ու չենք ծռիր նայելու անգամ մը անոր ճշդութեան։ Ան սկսած էր սարսափիլ Սողոմին մօրմէն, որ ջղային իր ելոյթներովը «ափ գալիք» արարած մը չէր եւ բերնէն կը թափէր, կիրքի պահերուն ոչ թէ մէկ կատոզ, այլ՝ ամբողջ լճակ մը աղտեղութիւն։ Յետոյ, անոր ակռան առած էր փողոցի կռիւը։ Հիմա շատ էին մայրերը, որոնք կը տ նկուէին աս ու ան հարսներուն դուռը ու «անոնց պապերուն բերանը շռելով» խոր լրբութեամբ ու գռեհկութեամբ կը պատմէին կատաղութիւնը անոնց արգանդներուն ու «գլխէ ելած» իրենց անմեղո՜ւկ տղոցը արձակումը կ՚աղաղակէին։ Նալպանտենց հաճի Աննան ինչո՞ւ չէր տեսած ձեռնարկին այս ծալքն ալ։ Բայց օրը տեսաւ անիկա, իր կիրքին կուրութեանը մէջէն։ Առայժմ լուսնար։ Տէրն ողորմած էր։ Ան, որքան ատեն, որ օճախով սենեակն էր, թիզ մը բան չբացաւ իր տղուն՝ իր ծրագիրներէն։ Փողոցին հետ մէկ գիծի այդ սենեակին անիկա երբեք չէր վստահած արդէն։ Բայց գլուխը կը բզզար մեղուի փեթակի մը նման։ Խնամքով՝ դատեց, դասաւորեց, կազմակերպեց տղուն ծրագիրները, թէեւ շատ կամաց։ Այս ուղղումներուն, ցուցմունքներուն ատենն էր, որ գիտակցեցաւ, թէ ինչո՞ւ կ՚արգիլուէր իր մասին խօսելէ…։ Աստուծոյ օգնութեամբը երկու շաբաթէն, ամէն ինչ կը դառնար իր հունին։ Ու ահաւոր էր անոր պաղարիւնը։ Այսքան կրակներու խորէն անոր աչքերը չէին դադրած հորիզոնին յառելէ։ Անիկա անսահման հաւատք ունէր Աղուորին որովայնին, ուրկէ ծագելով արեւը պիտի թաղէր իր տակը բոլոր սեւութիւնները։ Լուսնա՜ր…

Ու լուսցաւ։

Ամէն առտուան նման առտուն՝ անլուր գիշերին։ Գեղը՝ գեղ։ Բլուրները կրկին հինայուոր։ Լճակը նորէն բռնկած։ Բոլոր ձայները, մօտէն, վարի փողոցէն ու տուներէն, իրենց ընկալեալ յաջորդութեամբը…։ Ու ճռնչեց, իր ալ բակէն, քիչ մը անդիօք, խեղճ դռնակը Սողոմի խուցին։ Ոտքի զարկեր արթնցան՝ շփոթ, զոյգի պէս, շարուեցան դէպի պարտէզ ու դէպի ախոռ։ Մայր ու տղայ անձկութեամբ հետեւեցան Աղուորին, իրենց պատուհանին անկիւնէն։ Ու կ՚անգիտէին տղան։ Մեր տկարութիւնը հեշտութեամբ կը դիմաւորէ տկարը։ Տեսան հարսը, որ ջուր քաշեց հորէն։ Լուաց ալ երեսները, պինդ խնամքով, մինչեւ ականջները, մազերուն խուրձը, որ քունքերը կը տաղաւարէր, յօնքերը, անհետ ընելու համար անոնց այնպէս կու գար աղտոտ բանի մը հետքերը։ Խաչը հանեց, երեսը արեւելք ըրած, բարի, խելօք, արդար։ Ու տեսնել կարծեցին շրթները, որոնք կը շարժէին։ Կ՚աղօթէ ՞ ր։

-Պոռնի՜կ։

Քիչ մը ամուր, վախցնելու չափ պառաւը։

-Կա՛րճ։

Մատներովը փակեց անիկա անխելք այդ բերանը։

Ու լուսցաւ։

Այսինքն՝ կոչնակը քալեց վերերէն։ Այսինքն՝ Աղուորը մտաւ մառան, կեսուրի նման։ Ուրկէ՞ գիտակ էր այս փոքր գործերուն։ Լսուեցան բացուող կափարիչները, սնտուկներէ եւ գուբերէ, խորունկ, հեռաւոր, պղտոր։ Ու կարծր էր անոնց աղաղակը՝ Սերոբի ականջին։ Լսուեցան ախոռէն ձիու խրխինջ ու հորթու բառաչ։ Դուրս է ն, բացերէն տղա՛ք՝ սոյլով ու երգով, երբեմն երգն ի վեր հառաչանքով ` արթնցնե լ ու համար աղջիկներն ու հարսները, որոնց երազէ մարմինները ունեցան ողջ գիշերը, իրենց մենաւոր, գէջ անկողիններէն։ Կը պատրաստուէր ձին։ Կը պատրաստուէր կերակուր։ Յետոյ տեսան զայն դուրսը, երբ բակի մեծ սիւնէն առաւ քարէ տոպրակը։ Քիչ ետքը ձին, ետեւէն՝ Սողոմը։ Ամէն առտուան նման չփնտռեց հաճի Աննան, հրահանգ ուզող։ Տանտէր։ Անկարօտ։ Աղա։ Բայց լուրջ։ Ու քաղցր, ու առիւծ, ինչպէս փսփսար պիտի մայր մը, նման տեսիլքի մը ետեւէն, իր զաւակը այդպէս կարեւորած, կարգած ու գործի ղրկելով։ Ինչպէս պիտի մեկնէր նոր փեսայ մը, աչքը առաջ, ոտքը ետին։ Անոնք խօսեցան ալ, կամաց, անժպիտ, գորովոտ սակայն։ Գիտէին, թէ կը դիտուէին։ Բացուեցաւ մեծ դուռը, որուն փեղկին դրած իր թուշը՝ Նալպանտենց հարսը սուզուեցաւ աչքով, առանց դուրս թափող յուզումի, գոյն առնել ու տալու։ Ան ճամբու դրած էր երիտասարդը այն առքով, զմայլանքով, որ դասական է այդ պահուն համար, սրտառուչ ու երազային, երբ մեկնող երիտասարդին ետեւէն նոր հարսը ճամբու կը դնէ իր անկողինը։ Էրիկները դաշտ ղրկե՜լ, երբ անոնք վար են երեսունէն։ Մի շփոթէք ատիկա միւս առաքումին, զոր կ՚ընեն մէջ-կնիկները իրենց քառասունն անցուկ, ծոծրակին քոս կապած այրերուն, նեղսիրտ-նեղսիրտ ` հաշուելով կատարուելիք գործը ե ւ յոգնեցնելով աշխատողը աշխատանքին իսկ թուումովը։ Ու փակեց անիկա դուռը։ Աչքը չվերցնելով դէպի օճախով սենեակը, առանց աճապարանքի, ինչպէս առանց ալ վախի՝ անիկա քաշ ո ւեցաւ պարտէզ։ Արեւ կար, բարակ ու ճմռկուած, անհուն շղարշի մը նման, գետինին ու պատերուն, ըլլալով ծառերուն ուռկանին վրայ բզիկ-բզիկ բան մը։

Ու գեղաշէն, հոյակապ տունը նման էր «գերեզմանի լռելոյ»։ Սողոմին հեռացումը բեմէն՝ չբերաւ մօր ու տղի ըղձացած հանգիստը։ Փախչի՜լ։ Ինչ որ կ՚ընենք սովորաբար։ Բայց, ճերմակ գիշերէն ուժասպառ հաճի Աննան ուրկէ՛ ճարած էր անհրաժեշտ կորովը, ժամ՝ Պօղոս-Պետրոսի պատկերին վազելու, քիչ մը բիրտ ու յարձակող։ Ան խօսելիք ունէր անոնց մօրուքին, որուն աղտոտ, ճերմակ, տեղ-տեղ մոմի մը այրուցքովը պիսակաւոր՝ բաց կրակի լեզուակ մը կը կախէր անոնց դունչերէն, ճիշդ այծի մը կզակէն սրուող խուրձին նմանակ։ Յետոյ խորհեցաւ, որ անիկա պատրաստուեր էր այդ երթին կոչնակէն շատ առաջ։ Կարգ մը որոշումներ իրենց յղացումէն բաւական ուշ կը բացուին մեր ուղեղին դաշտին։ Հաճի Աննան չորս-հինգ անգամ բռնադատած էր ինքզինքը բերանը պիրկ բռնելու ու իր մտքին ներկայացող պատկերը նետելու հեռուները ` զայն փորձելու համար մոմերուն պա տ գամովը։ Ամէնօրեայ իր արդարանքէն քիչ մը պակաս։ Ցոյցը՝ անհաճոյ Աստըծոյ։ Աճապարանք ունէր վայրկեան առաջ դուրս նետելու ինքզինքը։ Ժամը ընտանի, գրեթէ սեփական կայ ա ն մըն է պառաւին համար։ Տարիներու վարժութիւն մը անոր մարմինը գամած է նոյն սիւնին, ոտքին փոքր սփռոցը կամ գառնուկին մորթը։ Անոր ջիղերը հոն է, որ կը թուլնան իրենց պրկումէն։ Աղօթքը ուշ կը միջամտէ այս ծաւալուն խաղաղութեան իբր պատճառ։ Մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդին համար աղօթավայր ըլլալուն չափ, ապահովութեան, լայնքի, հանգիստի տաղաւար մըն է, մաքո՛ւր, բա՛րձր։ Հոն կ՚ուղղուին, աւելի ճիշդ՝ կ՚ուղղուէինք, մեր քամակին՝ մեր բոլոր զրկանքները։ Ներս մտնողը, զանոնք պահ մը վար ըրած՝ կը ձգէր դռնակուշտին ու թեթեւ, կը վերանար իր հոգեկան լուացումին։ Մա՜րդ, հոդ, առանց պարտքի, ամօթի, նուաստացման։ Շատ շատերուն համար կեանքը, երբ ցաւ մը, մեր կզակներուն նետուած պողպատէ սանձ մը, մեր սիրտին մխուած դաշոյն մը չէ, շարքն է գուցէ այն պահերուն, որոնք այսպէս փոթորիկի մը ընթացքին փայլակուեցան մեր ուղեղի դիւաններուն ու եղան սառած, մնայուն։ Ձայն, հոտ, լոյս ու գոյն, սիրտ ու կսկիծ, բառեր չեն մենէ շատին համար. բոլո՛րը, շաղուըւա՛ծ ` կազմելու համար յիշատակը, որ, վայելք կամ դժբախտութիւն, անշուշտ, բայց մա՛նաւանդ տեւողութեան քանդակ մըն է, մեր ամէնուն անկորուստ հոգեհիւսքը (trame)։ Հաճի Աննան ո՞ւր կրնար ուղղել իր ոտքերը, որոնց կոճերէն թիապարտի շղթաներուն նման իր մեղքերը եւ խայթերը քարշ կու գային, գրեթէ տեսանելի։

Մայր ու տղայ ելեր էին դուրս միասին։ Անկողինէն փախչող մարդ՝ անոր վաղայարոյց այս երեւումը անցաւ աննշմար ` ըլլալով սովորական։ Դուռին առջեւ անոնք, երկուքն ալ, վախն ու գարշանքը ունէին իրենց քիմքին ու ոսկորներուն, սա տունէն։ Սրճարանի մը առջեւ անիկա բաժնուեցաւ մօրմէն։ Նաւահանգիստ մեկնելիք առաջին կառքը լծուած էր արդէն։ Ձիերը իրենց քիթէն կախ տոպրակները թեթեւցուցած, առտուան անօթի ճանճերը կը հալածէին իրենց պոչովը։ Փնտռեց քշողը։ Տղեկ մը, որ ձիերուն առջեւ կը սպասէր հիացիկ, տուաւ անունը տեղին։ Կառապանը առտուն կանուխ զբաղած էր «սիրտը լուալու» բերնէն, գլգլացնելով օղիին կալոն ը։ Ծանօթ էր Սերոբը այդ դասակարգին, որ նաւավարներուն հետ կ՚իյնայ նոյն գիծի։ Շատ ճամբորդած մարդ՝ ան կը տառապէր ձանձրոյթէն, անհանգիստ այդ կառքերուն խորը, չորս ժամ ծալապատիկ նստելու դատապարտուած, ճամբուն խորտուբորտութեան հետ նետուելով աջ ու ձախ։ Հրաւիրեց կառապանը, որ անցնի կենդանիներուն գլուխը։ Բարեւեց երկու պարտական, որոնց նորած էր մուրհակները, բայց կարճ, խօսքի անտրամադիր։ Համեմատաբար լայն գտաւ ինքզինքը խորը կառքին, երբ քալել առաւ ասիկա։ Ինչո՞ւ ան կը տառապէր խուլ հարկէ մը ինքզինքը աչքէ պահելու։ Երբ անցաւ իր տունին առջեւէն՝ անիկա թաղեց գլուխը կուրծքին վերնամասին մէջ ու լուռ հայհոյեց, որ իբր բառ ինկաւ կառքին աղմուկէն մասամբ խղդուած։ Որո՞ւ։ Ապահովաբար ձիերուն, որոնք սալաքարերէն արգիլուած՝ կը սայթաքէին շարունակ։ Նալպանտենց Սերոբը կ՚երթար կառավարութիւն։

Ժամէն դարձին հաճի Աննան դանդաղեցաւ կաղ Մակարին խանութին առջեւ։ Ամէն օր, այս դադարը՝ հեռուէ հեռու, մօրը դիէն ազգական հոտող այս մարդուն։ Մէկէն յիշեց առտուան դողը, երբ երթի պահուն, մասնակի ուշադրութեամբ զններ էր փակ փեղկերը, որոնք կարծես հրաշքով բացուած էին, սեփ-սեւ խորքի մը վրայ ` դժոխքի մը մուտքը յստակ գծելով անոր ուղեղին։ Ինչո՞ւ։ Ան չէր մտածած ու անցած էր աղօթքին։ Հիմա խարխուլ փեղկերը ծալուած էին վրայ վրայի։ Ըն դ տանեայ կրպակը լոյս էր, թշուառ ու ժանգոտ լոյսով մը։ Խանութպանը, խաղաղ մարդ մը, առագաստ բացած դէպի ծերութիւն, կը պատրաստուէր մուկ մը ողջակիզել։ Դէպք էր ատիկա թաղին պզտիկներուն համար, որոնք, չափազանց շահագրգռուած, մոռնալու չափ վարժապետին կաղնեփայտը, բոլորեր էին հերոսը եւ կը խօսէին աշխոյժ, տարուած, երջանիկ, իրենց կատուներէն։ Ասոնք իրենց հասակովը մուկեր, առնէտներ, որքան կը բռնէին։ Մէկը կը նկարագրէր հսկայ առնէտ մը, երէկ հանուած եղին գուբէն, մեծցած խոզի ձագի մը չափ եւ տիկ կապած։

Հաճի Աննան, անտարբեր ի՜նչ մետաղէ շինուած էին անոր ջիղերը–, կանգ առաւ, մինչ իր ուղեղը կ՚ընէր հզօր ճիգ զինքը հրելու համար հեռու կրպակէն։ Մեր երկուութիւնը մինակ հիւանդութեամբը չի բացատրուիր։ Կ՚ըլլանք այդպէս, երբ մեր անձնաւորութիւնը բեռան մը տակ կը ստիպուի քակուիլ, ինչպէս տախտակի մը կեղեւը՝ իր մարմինէն։ Կը նայէր ծուղակին մէջ տագնապոտ կենդանիին, որուն աչքերը, սեւ ուլունքներու նման զետեղուած, ագուցուած թարթիչներուն սնդուսին, չէին վախնար խանութպանին շամփուրէն։

-Մօտցու, հաճի Աննա։

Կը գովէր մուկը, որուն փորը նոր կոխ ու ած բարձիկի մը պէս տկռեր էր։ Ան օ խ ա մը պանիրին տակէն մտած վրայէն ելած էր մէկ գիշերուան մէջ։

-Տիրուդ սատկա՜ծը…

Չամբողջացուց հայհոյութիւնը, տէրտէրին շուքը տեսնելուն։ Բայց պատմեց շահատակութիւնը։ Մուկը, վարպե՛տ, քիթին չէր դրեր ծակերու բերնին դիզուած հատիկները։ Բայց չէր դիմացած ապուխտին ու մտած ծուղակէն ներս։ Կերած ու յետոյ գետին թաւալած գործիքը։ Հիմա կը կրծէր թելերը ` կէս նայուածքովը չափելով տղոց երամակը։

-Մենք ալ ունինք, Մակար։

Սուտ կը խօսէր։

-Առ սա «խաբան»ը։

Ու գովեց գործիքը, որ ասանկ վարպետորդի ու գազան մուկի մը դիմացեր էր։

-Տուներնին աւրի։ Թափեցի թէնէքէ մը եղ։

Սուտ կը խօսէր։

-Տուն կ՚աւրեն, քուրի՜կ։

Խանութպանը նայեցաւ հաճի Աննային, որուն մազերը իջեր էին, լաչակէն փախչելով, յօնքերուն։

-Իրա՜ւ է, - հազիւ կրցաւ արտասանել։

-Աղջուր իյնայ վրանին, - աւելցուց սակայն ` խօսակցութեան մէջ ըլլալու համար։ Այնքան կը վախնար իր հոգիէն։ Յետոյ բացատրեց ինքզինքը։ Անէծքը ուղղուած էր փոքր մուկերուն, որոնք հաճի Աննային հաւաստիքովը չէին մօտենար ծուղակներուն։ Որքա՜ն ունէր ինք։ Իրողութիւնը հակառակն էր ճիշդ։ Իրենց կատուն անօթի կը պահէր անիկա, որպէսզի աչքը բանայ։ Ու կը բանար պատուական մուշտակաւորը աչքերը չորս եւ կտրեր էր տունէն հոտը այդ կրծողներուն։

-Առ տասը փարայի։

-Ի՛նչ։

-Դեղ։

Տաքցաւ յանկարծակի հաճի Աննան։ Չորս դ ին պտըտցուց նայուածքը։ Տէրտէրը հեռուները կ՚օրհնէր ու կը ճոկանէր։ Մուկին դեղը ամէնէն դիւրամատոյց միջոցն էր մարդերը դեղելու։ Բայց ոչ ոք ուշադիր եղաւ այս խօսակցութեան, ոչ թէ չկենալուն, այլ…

-Փորձանք կու գայ, Մակար։

-Տղայ չունիք, որ վախնաք։

-Թոռնե՞րս։ Մէկ ոտքերնին պակաս չէ տունէն։

-Իրա՜ւ է։

Մխեց շամփուրը մուկին փորին։ Սուր ճչոց մը ու աղերսարկու նայուածք մը։ Նոյն ատեն տղայ մը պուտ-պուտ կը լոգցնէր անոր ստեւը քարիւղով։ Մակարը խնայող մարդ էր ու կ՚արգիլէր աւելորդ հոսումը իւղին։

-Շաղուէ պտղունց մը ալիւրով, պրծաւ-գնաց։

Յետոյ բռնկցու ց լուցկին ու նետեց ծուղակին թելերէն ներս։ Օծուած կենդանին կրակ առաւ։ Մակարը բացած էր ծուղակին բերանը։ Կենդանին ցատկեց դուրս։ Ոստոստուն բոց մըն էր ան։ Անցաւ տղոց մերկ սրունքներէն ու մխացող հաստ, հոտած կրակ մըն էր անիկա, որ կը թռչէր, առանց գետինէն վեր բարձրանալու։ Ան ցատկեց քանի մը անգամ։ Ամէն ոստում կ՚իյնար պառաւին մէջ, ճենճերուն արձագանգով մը։ Ու անոր փոքրիկ անդամները նիհար մոմիկներու նման բոցէ գիծեր ձեւեցին կրակին մարմինէն։ Պառաւը կը հետեւէր տոտիկներուն գալարին։ Պոչը՝ հալած ճամբուն պէս բարակ էր Դժոխքի կամուրջին, միշտ Դատաստանի անմահ նկարէն։ Գեղացին անկէ յաճախուած է ամէն բուռն պահերու։ Քիթը բռնած, մտասոյզ, աչքէն անկարող ըլլալով բաժնել ողջակէզը, մտաւ խանութ։ Դողացին իր մատները, երբ պոզին փոթէն հանեցին թաշկինակը։ Անիկա այդ սարսուռը կապեց գիշերուան սիրտի ցաւին։ Ու լաթին մէկ ականջէն անիկա քակեց, ակռաներով, ամուրկեկ հանգոյց մը, ուր կը քնանային հինգնոց, տասնոց, քառսուննոց մանրուքներ, անո՛նք՝ որ տաքնալով - տաքնալով արծաթի կը փոխուէին ու կը թաղուէին սնտուկին խորը։ Զատեց տասնոց մը ու դրաւ Մակարին առջեւ, որ մոռցած քիչ առաջուան խօսակցութիւնը, հարցուց.

-Ի՞նչ կ՚ուզես, հաճի քուրիկս։

-…

Անցեր էր Մակարին եւ լոյսին մէջտեղը։ Կռնակէն կ՚արգիլէր օրուան մուտքը ու կարելի նայուածքները։ Ոճիրին սնոտիքը աւելի գրաւող է, քան բուն իսկ գործողութիւնը։ Գուցէ վախն է, որ այս այլընդայլոյ զբաղանքին զսպանակը կը մնայ։

-Չըսե՞ս։

-Խելքդ վրադ չէ, Մակար։

Ձայնը խոր էր ու վարանոտ, ըլլալ չուզող բանով մը։ Բայց այդ իսկ գիտակցութիւնը ըրաւ անոր բերանը ուժաւոր ու յանդիմանող.

-Քանի՞ հեղ կ՚ըսեն։

Մակարը զարմացաւ, բայց չյիշեց։ Առնուած էր հաճի տիկինին բարկութենէն։ Ընդունեց մեղադրանքը։ Ծանրացաւ ականջներուն, որոնք պարսի մտած մեղուի փեթակին կը նմանէին, առտուն այսքան կանուխ։ Բայց անունը չտուաւ դեղին։ Առաւ տասնոցը իր անայլայլ պաշտամունքէն էր ապրանքէն առաջ դրամը գանձել ու նետել գանձանակ կամ ապառիկին առջեւ տետրակին գրել ու յանձնեց ճերմակ փոշին, կտոր մը թուղթի մէջ ամրապէս ծրարած։ Ան պէտք չէր տեսած կրկնելու պարտադիր խրատողականը, որով ճամբու կը դնէր անփորձ հարսները, երբ մուկին դեղը կը յանձնէր անոնց ափին ուղղակի։ Անիծուա՜ծը։ Ինչպէ՛ս նման էր ալիւրին, սուլֆաթոյ ին։ Հաճի Աննան զգուշութեամբ ու կարելի պաղարիւնով դրաւ ծրարիկը գօտիին մէկ ուրիշ փաթը։ Բայց տաքցաւ։ Տեսած էր մտածումին յիմար, տղայական երեսը։ Ո՞ւր դնել, երբ ժամը հնչէր, այս խոշոր բերանը։ Քրտինք բուսաւ երեսին։ Յետոյ զովացաւ։ Ծերերուն միտքը ջուր կ՚առնէ, ինչպէս ջուր կու տայ։ Ո՞վ ըսաւ, թէ անիկա պիտի յիշէր սա առտուն։ Ու ճարտար, ռազմագէտ՝ ան կեցաւ խօսքի։ Քանի մը հեղ հանեց թուղթը ` վախ առարկելով թոռներուն հաշուոյն։ Չէր խորհեր, թէ այդ իսկ խաղերով անիկա կ՚ամրացնէր ծերուկին մտքին՝ թուղթին պատկերը։ Ու սարէն, ձորէն, մէջտեղէն, լեզ ո ւին տուաւ։ Պարզ, սովորական մեծ կնիկ, հոգածու։ Ու ծերուկը յայտ հաճոյքով մը աչք ու ականջ ունէր անոր բառերուն նման բոլոր մահկանացուներուն, որոնք հարուստին, իշխանաւորին բառերը կը պագնեն, ճակատնուն կը դնեն ` առանց գիտնալու ինչուն։ Չէր մոռցած Մակարին ղուրպէթ տղան, որ կը զլանար իր թուղթն ու բարեւը։

-Զաւակ է, հաճի քուրիկ, զաւակ։

Կեցաւ ու տքաց։ Իր ցաւին համար անիկա բացեր էր այս խուղը ու կը մոռնար ինքզինքը, օրուան փոքր շարժումներով։

-Արինէս փրթած։

Լացն էր պակաս պատկերին։

Բայց մեր բառերուն եթէ տէրն ենք միշտ, չենք տէրն անոնց արձագանգին։ Հաճի Աննային սրտէն արիւն էր, որ փրթաւ։ Զաւա՞կ էր, ու ինչպէս ալ՝ անշուշտ, Նալպանտենց հաճի Աննայինը։ Ու տեսաւ ինչ սուտ, աղկաղկ բան մը կեանքը, երբեմն մեր ճիտին, կամ մեր կոճերուն։ Ինչո՞ւ չխորհեցաւ Սողոմին մամային, որուն պորտէն էր փրթած սիւլիւն ի պէս վայելչակազմ սա երիտասարդը…

Ամբոխուած, խռով, տուն հասնելու փնտռեց, բայց չխօսեցաւ հարսին։ Աւլած էր ասիկա բակը, սանդուխները, սրահը։ Կարգի դրած օճա խ ով սենեակին արտաքին ու սովոր յարդարանքը։ Պատրաստուա՛ծ՝ խօսքի, կռիւի, բուռն տեսարաններու, որոնք չեկան։ Քիչ մը սլքտաց։ Ըրաւ ինքզինքը ուռած, աճած աչքին ու շարժումներուն մէջ։ Վռնտեց, առանց պէտքի, աքաղաղը, հաւերուն կռնակէն։ Ի վերջոյ, նեղուած՝ անցաւ պարտէզ։ Ու անոր քայլերը կը հերքէին հեքիաթը, որուն մէջ փաթթուած ապրեր էր անոր անունը տարիներէ ի վեր։ Հեռուներէն ճամբու հանուած ճակատո՜ւմ, որուն շուրջը կը դառնար հիմա պայքարը աչքն առած հարսը ` վայրկեանէ վայրկեան զայն զերծելու առիթին նուիրուած։ Որմէ կը խուսափէր, փորձ զօրավարի մը նման, ռազմագէտ հաճի Աննան ` անյարմար, աղէտաբեր նկատելով ընդունիլ ճակատամարտը, ուր յաղթութեան բախտը անստոյգ էր բոլորովին ու հակառակը։

Անոր հեռանալէն յետոյ ան զգուշութեամբ հանեց ծրարիկը մէջքէն։ Նոյն դո՛ղը՝ որ ձեռքերը ցաւցուց, մզմզացուց մինչեւ մատներուն հաւկիթները։ Ու նման էր խանութին մէջ զգացածին։ Կրա՞կ էր բռնածը։ Խզկեց կրկին գօտիին փաթը։ Բայց այդ քիչ շարժումն իսկ շատ եկաւ անոր իրանին։ Նեղ եղաւ անոր շունչը։ Ու դունչը փոքրացաւ չէր գիտեր ինչու։ Ծամեց ակռաները ` մրջնացումը վանելու համար կզակներուն ծխնիներէն։ Ու սուր էր անոր դունչը, մտածել սկսող այծի մը նման։ Ապահով չըլլալու, լրտեսուելու, տեսնելու խառն զգայութիւնները անոր ձեռքերը տարին, առանց ուզելուն, գօտիէն ներս, թուղթի կտորիկին։ Այս զբաղումն ալ իբր նոր անձուկ մը կ՚աւելնար իր հոգեկան խուճապին, իր իմաստէն առաւել ընդարձակութեամբ մը։ Մե՜ղք։ Բայց անիկա հեռու էր երկինքէն ու դժոխքէն գուցէ հաւասար փարսախներով։ Աստուա՞ծ։ Անշո ՜ ւշտ։ Ի՞նչ էր ըրած իր տղան դրուելու համար այսպէս գիշերուան լլկանքին։ Սատանա՞ն։ Բայց ո՞վ կը վախնար անկէ, երբ կը զրկէր ուրիշը։ Ան ելաւ սենեակը։ Գիտէր սակայն հոն գործէ մը չկանչուիլն ալ։ Սանդուխին աչքերը եկան իրեն շատ ծանր, շատ ցից։ Քառսունէն աւելի տարիներ կոխած էր զանոնք սակայն, առանց նման զգայութեան մը։ Երբ առանձնացաւ խորը իր բազմոցին ու հանգչեցաւ իր սենեակին մէջ սենեակ մը մեր մտերմագոյն բարեկամն է, նոյնիսկ սեւ պատկերներէ յետոյ յստակ տեսաւ պատճառը, որ զինքը վեր էր ղրկեր։ Այսպէս կ՚ըլլայ յաճախ, երբ հիմնական մտածումը ինքզինքը կը թաղէ մշուշին խորը եւ երկրորդական վարշամակները, կտոր-փրթուճ, կը թափառին մեր մտքին դաշտին ու մեզ կը խաբեն։ Ի՜նչ ալ սիրով կը տանինք այս աճպարարութիւնը ` միշտ մեր հաշիւներուն գերանդիին ճկելով գլուխները թարմատար այդ բուսականութեան։ Ու կը շինենք մեր միտքը մեր ուզածին պէս։ Ու կը շինենք դո՜ւրսն ալ, միշտ մեր ուզածին պէս։ Ե՞րբ բացաւ սնտուկը։ Քառսուն տարիներու կծու, բորբոսուն շունչը ծաւալեցաւ ու դպաւ անոր ռունգերուն։ Ու անոր մէջէն կը յառնէին, առանձին-առանձին, անկողիններ ու աւելի խորունկ պահեր ` պահելով կնիքը, պաղն ու աղը այսպէս ըսելուն համար վիճակին, պատկերին, հոգեկան հոսումին, ուրկէ զատուեցան։ Յիմար-յիմար բաներ տակաւին, ի՛նչ որ անմտութիւնը, կծծութիւնը, մարդկային աչքլածութիւնը կամ վաւերական զգացում մը, ժամանակին քայքա յ ումէն ազատեր ու նետեր անոր սնտուկին կողակի գզրոցներուն։ Արդի կին մը իր սիրային նամակները թղթատած ատեն տարբեր հոգի ունենալու չէ հարկաւ, երբ գզրոցին կափարիչը կը բանայ ա՛լ թոռմած, անկանգնելի մատնելով։ Ու աւելին։ Ինչպէ՞ս մտածեց ու ըսաւ, յիմար-յիմար բաներ՝ ոսկին ու շ արոցները, ամէն մէկը մէյ-մէկ երիտասարդութիւն, որոնք իր մարմինը ըրեր էին մարմին մըն ալ, ապարանջներն ու օղերը, որոնք կիներուն միսին կը դպին մետաղէ դուրս ողորկութեամբ, խոնաւութեամբ ու լեզուով, համայիլներն ու խաչերը ադամանդ ագուցումներով , որոնք կիներ ո ւն գլխուն կը նստին ու անոնց կուրծքէն ներս կը պագտուին անոնց միսերուն հետ, սիրուած, համբուրուած մարդու կտորի մը նման ցանկալի այդ առարկաները, գահազուրկ օրին մէկը ու մեռած, բայց չթաղուած, այդ դիզուած ցուրտ ու դեղին, մռայլ անկիւնին, մէջը սա օժիտի սնտուկին։ Տխրեցաւ չարաչար ` մոռնալու չափ իր հոգին ծածկող կանանչ մօրուքը, ուր թուխսի էր նստած Ոճիրը ։ Յետոյ մեղքնալն եկաւ անոր այն յուզումներուն հաշուոյն, որոնք այդ զարդեղէններուն խորշերուն ու ծերպերուն մէջ կծկտած կը թուէին ու փոքրագոյն իսկ շարժումէն, նայ ո ւածքին պարզ ասեղովը կը ցատկէին ոտքի, իրաւ, նոր կազմ ո ւած, իրենց լինելութեան ամբողջ հոծ սարսուռովը ու կը վազէին թառելու անոր սրտին, առանց կասկածելու, որ տարիները կրծած էին այդ միսի կտորին մեծկակ լարերը, իրենց ետեւէն քաշելով թափօրը պահին, տեսարանին, անձերուն, որոնց համախառն մոմիան մնացին տարիներ ու տարիներ, ու ճնշելո՜վ։ Պարապ տեղը չէ ըսուած, որ տարիք ունի մեր սիրտը ու ծեր է մեր միտքէն շատ առաջ։ Ու ի՜ ն չ շուտ կ՚անցնի կեանքը։ Թող ամէն մարդ հարցնէ ատիկա, եթէ ոչ սնտուկի մը գլուխին, գոնէ գերեզմանի մը կուշտէն։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ երբ չէզ ո ք է։ Հաճի Աննա՞ն։ Ինչո՞ւ այդ գերեզմանատան մէջ անիկա եղաւ անզգած ու խիստ կինը, որ երկինքն ու երկիրը չի վախնար ծախելէ։ Ու խոյս տալու համար պարապին պաղ փչումէն, որ ոսկի է եւ յիշատակ, համ է ու ցաւ՝ անիկա տուաւ ինքզինքը առարկաներէն անդին, անոնց սառեցուցած իմաստին։ Սեւ ու լաւ օրեր։ Հարկա՛ւ։ Սեւ ու լաւ հոգիներ։ Հարկա՛ւ։ Կամացուկ հանեց ծրարը։ Միշտ տաք էր անպիտան թուղթը՝ սառած այդ գերեզմանին նշխարներուն մէջտեղը։ Փոյթ ունեցաւ, զայն խաչի մը տակ թաղած ատենը Յիսուսին բարձրաքանդակ արձանիկը դարձնել պարապին ` արգիլելու համար շփումը մկնդեղին եւ Աստուածորդ ի ին։ Հանգիստ։ Ոչ անշուշտ։ Վասնզի աճապարեց փակել կափարիչը ու եռակուղպ պտուտկել բանալին։ Ի զուր եղան անոր մտադրութիւնը, յամառութիւնը, զայրոյթը զինքը կանգուն պահելու իր ծրագրին խորութեանը մէջ, ուր ոճիրին թթուն կը գործէր։ Մատները չէին կրնար վանել կծու բուրումը արծաթին ու ոսկիին, խունկին ու վարդեջուրին եւ որոնք համախառնուրդ ալիքին մէջ իրենց նեարդները նետած էին հնօրեայ հոտեր, համեր ու քիչիկ մըն ալ ժամանակին բորբոսը։ Երբ ասղնտուք մը վռնտելու համար ականջին վարերէն ան վերցուց մատները, քիթը զգաց այդ կարծր ու չար կճումը։ Սիրտը գոց ո ւեցաւ։ Գոցուեցաւ իր հիւանդութեան հարկադրանքէն դուրս, գուցէ մեր ունայնութեան թեւաւոր այդ փաստէն, զոր հին առարկաները կ՚արժանացնեն, կը բռնադրեն։ Ինչո՞ւ անպայման չափը յոգնութեան, որ հնութեանց թանգարան մը կը դիզէ մեր ջիղերուն։ Զուր տեղը չէ մեծահարուստներուն որոնք յափրացած են ու պեղուած են եւ քաղաքակրթութեանց խաւէն դուրս բերուած իրեղէններուն միջեւ աղերսը, յաճախ անիմաստ դատուած։ Ուրիշներուն մահը մերինին արձագա՞նգը։ Որ ձեւ ու մարմին ունենար։ Ըլլար թշուառ ու բորոտ, ինչպէս է մեր հոգին մեր ամէնուն կողերուն տակ։ Չէր կրցած դիմանալ։ Երկնցաւ բազմոցին։ Ճիշդ ատենն էր։ Վասնզի բաբախումը արագացած էր սրտին։ Ու անիկա կը տառապէր շունչի պակասէն։ Մինակութիւնը մեզ վատ կ՚ընէ։ Ուզեց կանչել հարսը։ Բայց պատուհան դառնալու ճի՞գը։ Ձեռքը սրտին՝ աշխատեցաւ վանել ուղեղին վրայ բռնացող տեսարանումը։ Ո՞վ բերած էր այդ մղձաւանջը սա չորս պատերուն։ Սնտուկէ՞ն փախած։ Անոր ծալքերուն՝ սարսա՛փը, ու անկէ անդին անասելի բաներ ծուարած կը թրթռային, խուլ, աղտոտ։ Ինչո՞ւ կը ջանար հեռու մղել թարախոտ, դաժան մասը համապատկերին, որ կ՚առաջանար դէպի հասողութիւնը անոր աչքերուն, թրթռագին, խիստ, ծալուիլ ուզող եւ չկրցող վարագոյրի մը նման, նայուածքի կալին դէմ, տիրական, սոսկալի, արիւնոտ ու գեղեցիկ նոյն ատեն։ Վասնզի ոճիրը գեղեցիկ է, երբ չէ կոտրած, նման ամէն պատրանքի, որ կը տեւէ մինչեւ բեկումը։ Ու գեղեցիկ էր պատկերին այդ մասն ալ, վասնզի խատուտիկ է ցանկութեանց ծաղիկներով ու գոյնի կոկոններով, խորհրդանշան բեկորներ, փոսերու ցցունքներ, ուր կը վազէին լիանալու անոր ատելութեան բոլոր ջուրերը եւ ծաղկելո՜ւ, ինչպէս հողի մը գագաթին՝ անոր բոլոր ազդմունքները, սէր ու ոճիր, համ ու զրկանք, ինչ որ մեր սիրտին պատերը կը ծակծկէ կամ կ՚երանգէ։ Կը ծաղկեւորէ։ Ժամ չէ՞ր գացած ան։ Չէ՞ր կայնած Դատաստանի նկարին դէմ։ Բայց գտաւ, որ ան ալ պատկեր մըն էր, նման անոր, որ կախուած էր հիմա մտքին պատերուն, ան ալ տիրական, սոսկալի, արիւնոտ ու իրաւ։ Գեղեցի՞կ։ Պէտք չէ՜ր հաւատալ այդ հեքիաթին, որ կը թարմանար մահամերձներու սնարէն։ Գրեթէ մեծ մասը ուժը տեղը մեռնողներուն կը կրկնէին անոր մայր դրուագները, զոյգ բաժիններէն, ու նկարչին զեղած մտայուզմունքը։ Ան կապեց աչքերը, ճարահատ, լաչակին թեւովը։ Այսպէս զատուած իր ճակատէն՝ անիկա կը նմանէր աբեղայի մը կիսադէմքին ` վեղարով կիսուած։ Որմէ՞ կը փախչէր։ Բայց զինքը կը տագնապէին օրուան փոքր դրուագները, ժամէն կառչած ու աղօթքով օծուն զգայութիւններ, որոնք ոճիրին հետ ճիտ ճիտի պտըտեր էին իր ջիղերուն ակօսներէն ու գացած կծկտելու սրտին խոռոչները, գորտի կանանչ ձագուկներու նման, որոնք աղուոր ծաղիկներու բաժակները կը ճարմանդեն, բացէն ագուցուած զմրուխտներու նման, թրթռուն, պճլտուն, բայց քստմնելի։ Օրուան փոքր դրուագնե՜րը. մուկէն, որ կը ծխար, ողջակէզ ու անմեղ, զոհը՝ պանիրի գունճին։ Օր ո ւան փոքր դրուագնե՜րը. Չամասանենց հարսէն, մատղ շ ուկ, քսանէն երկուք վար տարիքով, որ հոգեվարք էր մտած, տղաբերքի մահիճէն եւ ակռաները հիւսած իրարու, բազուկները կը գալարէր ` փաթթուած մօրը վիզին ու կեանք մուրալով։ Ա՜խ, այդ կեանքը, որուն արժէքը երբեք պիտի չգիտնան անոր աւանդապահները։ Որ օտար է բոլորին, այսինքն՝ զայն դիտողներուն կամ շահագործողներուն։ Որուն ամբողջ ծանրութիւնը պիտի չափենք, երբ ա՛լ նժարը չունինք։ Մեր կեանքը։ Ի՜նչ ոչինչ, յիմար, եղերական թերթեր կը կազմեն մեր տոմարները։ Ան կը մտածէր ու քանի՛ մտածէր, ա՛յնքան մեծ կը գտնէր իր ծրագիրը, ինչպէս բեռ մը, որ հետզհետէ կը ծանրանայ ու կ՚իյնայ դուրս մեր բազուկներուն աղեղէն։ Ալեկոծ էր անիկա վախէն ու ասոր հետ շփոթու ո ղ ուրիշ զգայութիւններէ։ Յանկարծ սարսռաց։ Հոգի՞ն։ Մեծ, գլխագիր Հոգին։ Ո՞ւր կը դնէր զայն։ Ու քառսուն տարիներու ժամն ու աղօթքը, պատարագներն ու մեռելները, հեքիաթ ու Յայսմաւուրք, իրարու միացած, իրար հրելով ներկայացան անոր խղճմտանքին։ Ո՞ւր կը նետէր հոգին, որ մարմինէն աւելի իրաւ ու զօրաւոր է կառուցած մարդոց մէկ մասին մէջ, մա՛նաւանդ յիսունէն ետքը։ Ու մկնդեղին հատիկները գիտէր, որ շինած չէր զանոնք, պիտի չշինէր, այլ, աղի հետ խառնած՝ իբր փոշի պիտի գործածէր, ինչպէս ձեւուած, ձեւաբանուած էր այդ տեսիլքը խորը իր անգիտակից աշխարհին յուլունքի պէս բազմակապիճ աչքերը կը յօրինէին պատկերին։ Նայեցան անոնք, զօրաւոր ու խոր ու մերկ էր անոր ներսի աշխարհը, ու անպատսպար՝ այդ սլաքումին դէմ։ Անոր ակռաներուն մէջ կրկնուեցաւ սարսուռը խուլ ու մռայլ այդ շարժը մեր խորագոյն իրականութեան։ Սողոմենց կնիկն էր, խելագար ու հզօր, որ մատերուն մանգաղովը մազերը քաշած-նետած զաւկին դիակին, կը նետուէր իր վրայ, կը ցցուէր ու պինդ, պողպատ, աւելի անողոք, քան պատանք պահանջող մեռել մը։ Իր մանչը կ՚ուզէր Նալպանտենց հաճի Աննայէն։ Ու անոր խենթ աչքերը բզիկ-բզիկ ըրին իրաւ ըլլար անոր մարմինին խաղաղ հէնքը։ Այդ վայրկեանին անիկա համոզուեցաւ, որ պիտի չկրնար ազատիլ այդ դանկըտումէն։ Գլխուն մէջ մէկը, Սողոմենց կնիկն ըլլալու էր, դպաւ պտուտակի մը։ Ամո՛ւր՝ ցաւի մը շամփուրը, նետի՛ մը պէս, փրթաւ գանկէն, դարձաւ ինքն իր վրայ, խորացաւ, ճեղքեց ուղեղը վերէն վար ու հասաւ ողնասիւնին բերանը։ Այս ամէնը արագ, բայց յստակօրէն իմանալի։ Փայլատակող այս զգայութիւնը աւելի էր ցաւէն։ Ու կը խօսէր անոր, հայլիի մը փրթող լոյսէ նեարդներուն հեղուկ իլովը, կաթիլ-կաթիլ վարի այդ դուռնէն դէպի փապուղիները անոր ոսկորներուն, ամէն մէկ անգամուն կրակի լեզուի մը նման խածնելով միսերը, ա՛յնքան՝ որ ճենճերումին աղն ու կսկիծը զարկաւ քիթին։ Ճենճի այս զգայութիւնը այնքան իրաւ էր, որ միսերուն մէկ կէտին անիկա կը փորձուէր կրակի մը այրուցքը գտնել։ Ու տարտղնում, մուխի վերածում էր ամեհի պառաւը։ Ու կը տանէին անոր մեծագին անձը՝ շերտ-շերտ, ինչպէս շոգիի կտորներ։ Ու կը տանէին անոր ահն ու փառքը, ինչպէս սեւ ու աղբահար փոշին…։ Ինչպէ՞ս գտաւ ինքզինքը։

-Տէ՜ր Աստուած։

Բանաձեւեց ` ձեռքը դնելով ճակատին։ Կապին ամրութեան վերագրեց այդ բանդագուշանքը։ Քակեց լաչակը։ Աչքին առջեւէն բանակ մը ճանճ, սեւ, ճերմակ ու բազմագոյն։ Աչքին ետեւէն դիակը ոճիրին, որ պատգարակէն ինկած մեռելի մը նման կը քարնար ու կը դիմանար։

-Տէ՜ր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս։

Բանաձեւեց կրկին։

Անիկա կը վախնար գլուխէն։ Դուրսէն իրեն օգնութեան եկաւ երգի կտոր մը, որ կը կտրուէր անգոյ փողոցէն։ Սայլորդ Մանոն կ՚երգէր հին՝ բայց դեռ չմեռած օրերու նուաղկոտ զրոյց մը, որմէ տող մը իր մռայլ խորհուրդովը դեռ կը խորվէր տղոց սիրտը.

Ի՜նչ եաման կը փչէ մազերուն հովը…

Զրոյցէն դեռ կանգուն իրողութիւն էր ընթացիկ տիպա՛րը մկնդեղ ուտող հարսին, որ քանի մը տարին անգամ մը կը նորնար, կը ծովանար գեղին վրայ, կը խառնէր աչքերն ու խղճմտանքները ու կը մտնէր գերեզման։ Հեքիաթին հարսը բոց տուած էր մազերուն, շուտ մեռնելու համար, բզիկ-բզիկ եկած թոյնին դանակներէն ու փորը բռնած փախեր էր՝ ինչպէս առտուան մուկը, գլուխը բռնկած լուսնակի մը նման, որ մազ ունենար, ու ջախջախած զայն աղբիւրի քարին։ Մանոն ժմնուկ տղայ էր, նոր նշանած, քաղցր։ Որ Նալպանտենց տունէն անցնելուն միշտ սիրերգ մը կը կախէր շրթներէն, եղերական, լուրջ ու եղանակով ալ խորապէս խռովիչ։ Անիկա Աղուորին աչքերը թաց բռնած ալ ունէր, բայց երես չէր ելած։ Աղուորին ցո՞լքը այս երգին ու անոր հովին մէջ։ Ճամբաները բարակ են արցունքին ու լոյսին։ Սիրտը չենք տեսներ, բայց գիտենք։ Հաճի Աննան յիշեց հարսը, հարսները։ Ձեռքը երկարեց ` բանալու պատուհանը։ Ու ձեռքը հնազանդ էր անոր։ Բացուած պատուհանէն ցաթեց անվարշամակ իրականութիւնը։ Աշնանահար ծառերու տրտմութեան մէջ, խատուտիկ։ Կ՚երկննար տարածութիւնը, ճիւղերով ճարտարապետուած կապոյտի աղեղին, ու հող ու կանանչով՝ գետինէն։ Արիշի մը տակ, չես գիտեր ինչու այդքան դրուած հեռու, անոր հարսը ձեռքերը ծոցին, կը նայէր ներս, իր սիրտի՞ն։ Ո՜վ պիտի գիտնայ, թէ որու կը նային վշտահար ու ծարաւ հարսները։ Անցաւ անիկա արագ, դառնութեամբ այդ տեսիլքին վրայէն։ Իր մէջ բուսած էր ալ կարկամած ձե՜ւը, որ օր մը, տարիներ առաջ, ըրեր էր իր ծունկերը այսպէս բռնուած, նոյն արիշին տակ ` ատանկ նայելով ներսը։ Ու դժբախտութի՜ւնը մեր յօրինուածքին, որ ըրած է մեզ ներսէն նորոգ ո ւող, երբ մեր դուրսը քար կը դառնայ անյեղլի ու անվերադարձ։ Ան յստակ զգաց ջերմութիւնը, որուն մէջ կը լողար քառսուն մը տարի առաջ սա ա՛լ անիմաստ մարմինը, զոր կը յամառէր կրել, թիապարտի մը նման, անբաժանօրէն շղթայուած իր հոգիին։ Ու պիտի կրէր այդ դիակը, որուն վիզէն փրցուցած էին վայելքին ու համին բոլոր կծիկները ու ձգած միայն ու միայն ցաւին դէմ ընկալուչ տախտակները ջիղերուն։ Անոր տրուեցաւ կրկին իր միսերուն քնացած սա աշունէն, ինչ որ անոնց գարունն էր ըրեր քաղցր, հզօր, ինքն իր մէջ բաց ու թրթռում։ Պառաւները միայն կը զգան, թէ ի՛նչ ըսել է հարս։ Փոխուեցա՞ւ անոր հոգին։ Լուսաւորումը այնքան զօրաւոր էր, որ պատկերին սուզումէն ետքն ալ անոր ստեղծած համը դիմացաւ քիչ մը՝ արեւէն ետքը մարմրուն վերջալոյսին նման։ Դէմի արձակութիւնը, զոր կը պիսաւորէին խատուտիկ, ժանեկահիւս պարտէզներ, լոյսին մէջ թանձրօրէն քրտնած պատեր հեռուի տուներէն, արեւին առքն ու լայնքը, խտղտանքը, որ ճառագայթէն կը թափի աչքերուն, երբ մտածումը, մտալլկումը, ուժգին ցանկութիւն մը գրաւած կը պահեն հոգիին տրամադրելի ուժերը ու քիչ բան կը թողուն զգայարանքներուն, իրենց պաշտօնին համար, դալկացնելու, տկարացնելու աստիճան մեր բուսական ապրումը ու մեզի պաղ կ՚ընեն նոյնիսկ շոգին տակ, բոլորը եկան իրարու, ազդեցին թոյլ ու դանդաղ ` քիչ-քիչ կոտրելով կարծրութիւնը անոր ներսի աշխարհին։ Խաղաղութի՞ւն։ Չունէր գտնալիք ատիկա երանելի պառաւը մինչեւ հողին վերջնական հանգիստը։ Բայց սրբեցին կոշկոռները անոր խղճմտանքին։ Անջատուած իր ներկայէն՝ անիկա չդարձաւ սակայն հեռացած հարսնութեան։ Մեղմով զինքը քշեցին մօտիկին, երէկէն առաջին՝ երբ իր տունին մէջ մեղքին հսկայ սարդը չէր ոստայնած։ Այն անզգած, քիչ ցաւով բեռնաւոր օրերուն, ուր կեսուր, յարգուա՛ծ՝ հարսէն, պատկառուած՝ բոլորէն ան իր հոգւոյն դարմանումը կ՚ընէր աղօթքով ու բարիքով։ Տագնապի ընթացքին, այս ստրջանքը յաճախ հաստատած էր անիկա սա քանի մը շաբթուան մէջ։ Տակաւին շատ մը ուրիշ բաներ, օրեր ու տարիներ, մեծ խերեր խառնշտկեց՝ ճարելու համար անոնցմէ ծանրոցներ, որպէսզի քիչ մը կշիռ հայթայթէր իր մարմինին, զոր վերցուած կը գտնէր անտես՝ բայց իրական ալիքէ մը, հեղեղատն ի վար զինքը տաշեղի մը պէս նետելու սուրացող։ Ու ծեծուած աջին, ու ծեծուած ձախին՝ անիկա հրուեցաւ դարձեալ նահանջէ արգիլուած բանակի մը նման իր մեղքին կրկէսը, օղաւոր ու պողպատ, զոր կառուցած էր ամբարիշտ իր ձեռքը։ Ահա՛ կեդրոնը իր մեղքին։ Ու նորի՜ մը աղեղին։ Պարտուած, անճար՝ ան համոզուեցաւ, թէ որքան ալ պատռտէր ինքզինքը, հեռանկարը այդ աղեղին, ա՛ն՝ որ թարախէ եւ աղբէ հորիզոնի մը նման կը շրջագծէր իր հոգիին լման երկինքը, պիտի չընկրկէր։ Ընդհակառակն, պիտի մօտենար, հետզհետէ աւելի անողոք ` պարագրելու համար իր օղակին մէջ անոր դժոխագիր անձը։ Հոգին տարիք ունի՞։ Անհուն բեկում էր անոր համար հաստատելը, որ պառաւի ա՛լ անզօր իր ձեռքերը անկարող էին դիմագրաւելու այս յառաջխաղացքը, խուժումը։ Ու ոչ հեռուներէն, նոյնիսկ ապառնիին ծոցէն, այլ՝ շատ մօտիկ, քիթին տակ։ Պարզ, ահաւոր, այնպէս իրա ւ, ինչպէս էին մատները՝ իր ձեռքին։ Ու խոշոր ձեւուած (վասնզի ծրագրային) պատկերէն ինչպէս կը զատուէին բաժինները, ոմանք բոլորովին մութ, մեծկակ փայտէ գաւաթի մը կաղապարով, գագաթէն ծա՛կ, ուրկէ լոյսի մը վրձինը կ՚իյնայ ուղղակի ` չկրնալով ցրցքնուիլ ե ւ որուն եզրակապերուն կ՚ուրուանան, կը շարժին մարդոց ձեւերը, փոքրա դ իր ու դաժան, կոտրող, դանկըտող, թունաւորող ու թունաւորուած, մեռցնող ու մեռել, ձեւե՜ր՝ որոնք մեր խղճմտանքին մէջ ընկղմուած կը մնան, բայց ընդդիմահար են՝ ինչպէս մեր իսկ միսէն կառուցուածները։ Ու լաց ու գովքեր։ Ու բազմութի՜ւն, բոկոտն մանուկէն մինչեւ գորշ գալփաք ով ոստիկանները, այնպէս՝ ինչպէս կը տեսարանուի մարդասպանութիւնը գեղերուն երեսին։ Կը վախնա՞նք։ Այո՛, երբ կ՚երազենք։ Ու կ՚երազէր հաճի Աննան ուրիշ բաժիններ, միշտ նոյն պատկերէն։ Ոմանք տարօրէն լուսաւոր, կարմրաւուն, կարծես առնելով այդ թեւաւոր արիւնի շոգին դժոխքի բացուած հայլիներէ։ Ու Կեդրո՛նը։ Ատրուշա՞ն։ Հնո՞ց։ Մոխրանո՞ց։ Գոգաւոր կոնք՝ ուրկէ Մահը, շաղուած ալիւրի դեղահատերով կ՚ոստոստէր ու կը թափէր կրկէս՝ ինչպէս հսկայ տապակի մը խորը, կոթը սատանայի ափին։ Ու ոստոստող այդ մահուան կայլակները նման էին եգիպտացորենի հատիկներուն, որոնք տապակի մէջ խորվելու կը դրուին։ Ի՜նչ չարագուշակ կտաւ։ Ինչպէ՜ս ալ կը ծփար ` առանց քայքայուելու։ Բայց ո՞վ էր զայն բռնողը, այսպէս շատ մօտիկ։ Զայն լուսաւորո՞ղը՝ այնքան շեշտ ու իրաւ։ Մթագնեցան անոր աչքերը առատ ու անկայուն այդ պայծառութենէն, որ կաթիլ-կաթիլ կը պտղէր 2 ` եփելով իբր հատիկ, դեղհատիկ, բայց չելլելով իր կաղապարէն, գոյն առնելով ու տալով, կանանչ մօրացման մը յատակէն սեւ-սեւ հսկուած, զեռուն ու քստմնելի, երբ մեռելներուն միսն ի վար կը մխրճեն իրենց լեզուներուն նիզակները եւ սղոցները իրենց դարձնող։ Խաչ հանեց, վասնզի զգաց, որ մեծ տզրուկ մը խածած էր զինքը ծոծրակէն։ Լսած էր այդպէս ընել, Յայսմաւուրքի սուրբերէն, որոնք սատանային հաղբերն ու տոռունքը կ՚աւրշտկէին այդ յուռութքով։ Պատկերը խորտակուեցաւ, բայց չմեռաւ։ Ու անոր ընդարձակ մարմինէն կը զատուէին ծալքեր, կտրուած մասի այլանդակ սրութեամբ, հրէշայնութեամբ, որոնց զարհուրանքը կը կրկնաւորուէր այդ իսկ հանգամանքով։ Անոնց յաղթահարումը վեր էր անոր ուժերէն։ Ու կը հեգնէին անոր մատները։ Յոգնած, յուսահատ՝ փոխեց տեղը։ Ինչպէս հով մը, բան մը եղաւ, զգացուց ինքզինքը ու քաշուեցաւ։ Նայուածքը հիմա կը սուզուէր հակադիր պատուհանէն։ Խճուղի՜ն։ Ա՛ն՝ որ կ՚երթար կառավարչանիստ քաղաքը։ Արեւին տակ գեղին, անմեղ ու մաքուր, իբր թէ վրայէն անցած չըլլային մեղքն ու մարմինը Նալպանտենց Սերոբին։ Տղուն ետեւէն անիկա տեսաւ նորէն խեղճ այս քաղաքիկը ` իր պալատովը, բորբոսած փողոցներովը, ջրակոյտերովը։ Ու պաշտօնեաներ, ոստիկաններ ու շուներ, որոնք իրենց փորը կը փռեն պահակներու ոտքին եւ կը լզեն իրենց հերթափ մորթն ու գեղին վէրքերը, անհոգ, ծոյլ, քալելու իսկ անյօժար։ Այդ րոպէին թաթ մը դպաւ անոր ճակտին, ու մատներ՝ կոպերուն։ Աչքերը կը կեդրոնանային։ Ու անոր տրուեցաւ տեսնե լ, ինչպէս առաչօք երեւման մը մէջէն, իր տղան, որ գլխահակ դուրս կ՚ելլէր հարիւրապետին սենեակէն։ Ցաւէն ճչար պիտի, եթէ նոյն վայրկեանին դուռը չպոռար։

Ո՞վ էր զարնողը։ Անցաւ հարսին սենեակը, ուրկէ դռնառաջքը տեսանելի էր։ Թոռնիկը՝ ձեռքին հաց, պուլամայով՝ կը ծեծէր հսկայ փեղկը ծունկին գունտովը։ Ինչպէ ՜ ս չէր ճանչցած, ի՛նք՝ որ ո՛չ միայն զարկը, այլեւ դէպի զարկ քայլն անգամ կարող էր զանազանել։ Մեր խորագոյն տագնապները կը կրենք, բայց թեթեւ անգիտութեամբ մը։ Մահը մեզ կը կրծէ, բայց կը թեթեւցնենք անոր ատամներուն աշխատանքը, մինչեւ որ փոքրիկ պատահար մը անցք մը բանայ մեր թափանցումին։ Հաճի Աննան եօթը տարով ծեր գտաւ ինքզինքը մէկ վայրկեանէն միւսը։ Իր մտակոծումը իրեն կը յայտնէր նոր նուա ղ ումներ։ Անտրամադիր, նոյնիսկ գրգռուած՝ ելաւ բակ, բացաւ դուռը, բայց առանց շարժելու իր դէզը, կիսաբաց դուռնէն ճամբու դրաւ պզտիկը։ Ինչո՞ւ ներս չէր առներ այդ անուշիկ տղան, որ դուռ-դրացնի վկայութեամբը մեծ մաման էր, փոքրադիր, բայց քիթէն ինկած ու կը պտըտցնէր անոր մանկութիւնը աշխարհքին դիմաց։ Ատոր համար չէ՞ր, որ մանուկը կ՚ընդունէր, միւսներէն շատ աւելի, պահծու եւ անսպառ գորովանքը, համով պտուղներն ու չորեղէնները, որոնք կը ճարէ մեծ մայրը նոյնիսկ ձ մրան ձիւներուն ` ծառերը ընելով պտղաբեր, ինչպէս կը պատմեն հեքիաթները։ Տղան թնծկալով տրտում հեռացաւ։ Հաճի Աննան փողոցը կը տեսնէ՞ր։ Ան մտքովը ներս էր։ Գլուխ չդարձուց դէպի խորը բակին, ուրկէ դռնակի մը ճռինչը գծուեցաւ։ Հարսն ըլլալու էր ` շտապած դուռը բանալու։ Սպասեց սակայն։ Կը վախնա՞ր։

-Բարի լոյս, հաճի Աննա։

Ուրկէ՞ բուսած էր այս բարեւը։ Նայեցաւ աջին։ Ին չ ո՞ւ չէր տեսած։ Հաճի Մարիկն էր։

-Աստըծոյ բարին, հաճի Մար։

Փողոցը՝ դռնառաջք էր միայն անոր աչքերուն։ Տուներուն վերի մասերը չկային, որովհետեւ այդպէս կ՚ուզէր հաճի Աննան։ Պզտիկներ ու խոտ ուտելու զբաղած աւանակներ։ Քաշուեցաւ անիկա ` անցք տալու համար։ Ամէն մարդ ծանօթ էր այս մանրամասնութեան։ Հաճի Աննան իր ախորժա ծ անձին կ՚արտօնէր իր դուռը մարմինին ընկրկուն ու ճկուն մէկ շար ժ ուածքովը կամ անկնճիռ դէգութեամբը։ Հաճի Մարը դժուարաւ նետեց ոտքն ու գաւազանը քիչիկ մը բարձր սա շեմէն։ Հարուստին տունէն ցոլացող պա՞ղն էր պատճառը, թէ ա՛լ աւարտուն ծերութիւնը։

Հաճի Մարիկը գաւազանի ինկած էր եօթը տարիէ ի վեր։ Թ շուառ ու հազուադէպ անոր ճակատագիրը կարգադրած էր այնպէս, որ առասպելի նման սկսի անոր կեանքը ու ան ո պայ մատներով կոտ ր է զայն մատաղ ու աղուոր, առջի ու միջին հարսնութեան, այսինքն՝ քսանհինգին։ Բախտը ըրաւ զայն զաւկի կոխան։ Կործանած իր էրիկը, ամօթը լեղիին խորը, չկրցաւ մնալ ու ելաւ գաղթական, տուն մը տղայով, լիճին արեւելեան ափունքը, ուր Նալպանտենց հաճի Արթինը գիւղ էր շինած։ Լիճին պատմութեան անտեղեակ աղան գնած էր այդ ամայի դաշտագետինը, կառուցած վրան ագարակ մը բազմատեսակ շէնքերը ու տրամադրած շատ չնչին վարձքով աշխատող բազուկներու։ Հին ջուրի մը յատա՛կը՝ հողը դեռ կը պահէր որձեւէգ նկարագիր, մնալով թաց՝ տարիին երեք եղանակները ` արտադրելով առասպելական առատութեամբ, բայց զարնելով անպատճառ բանուորը։ Լիճին պատմութիւնը չէ կատարուած, որպէսզի մարդիկ գիտնային անոր յաջորդական ելեւէջները։ Իմ օրերուս հաճի Արթինին գիւղը գրաւուած էր ջուրով։ Բայց հաճի Մարին երիտասարդութեանը ահաւոր կեդրոն մըն էր ճահճատենդի։ Հոն կորսնցուց անիկա էրիկը, չորս մանչեր, երկու աղջիկ, նոյն ու մէկ ցաւով։ Այն ատենները ճահիճին եւ գեղացիին մէջտեղ արդի նողկանքը գոյութիւն չունէր։ Դեռ այս դարուն սկիզբները ինծի տրուեցաւ ականատես ըլլալ ապշեցուցիչ տեսարանի մը։ Ատափազարի շրջանին մէջ մեռած գեղ մըն էր այդ պատկերը, զմայլելի ծառաստանի մը մէջ ինքզինքը գեղազարդած, լերան մը ոտքին, որմէ վար ճահիճի մը խորհրդաւոր մարմինը կը հեռանար դէպի բացերը։ Իբր պատկեր ու գեղեցկութիւն, ու խռովք, քիչ տեղ ունի իմ յիշողութիւնս հանելու ատոր դէմ։ Բայց պարապ էին տուները։ Դեղինէն աւելի դեղին ծերունի մը ջուր տուաւ ինծի եւ պատմեց աղէտը, որուն վրայ կը մնար ինքը։ Գիտէր մեռնիլը, բայց չէր կրնար բաժնուիլ իրեններուն գերեզմանէն։ Ի՜նչ հարկ երկարումի։ Թուրքերուն գաղթային քաղաքականութիւնը Պուլկարիայի ձիւնոտ ծմակներէն նուռ կաթող այդ փոմագները բերած-դրած էր մահուան այդ երախին։ Ու ասիկա՝ 1900ին։ Ու մեր գեղացին հիւանդութեանց դէմ կռուելու համար հոճային նուսխա յէն զատ զէնք չունէր։ Ու ճահճատենդը կոտորեց տունը հաճի Մարիամին։ Անօթի, կաշի ու ոսկոր, երկու աղջիկներովը՝ ուռած դդումներու նման, որոնց վրան փոքր գլուխ մը փակցուած ըլլար ` չմեռնելու համար, հազիւ կրցաւ ինքզինքը նետել դուրս ագարակին դժոխքէն։ Գիւղաքաղաքը՝ պատմական Նիկիան, ա՛ն՝ որ բազմաթիւ դարեր առաջ շքեղ ոստայն մը հռովմէական մշակոյթի, հեռացեր-փախչեր էր հիմա դէպի ներս, հետապնդուած հետզհետէ բարձրացող լիճէն ` ձգելով ափնադիր արօտները, հսկայ կոտորածը պարիսպներուն օձերու եւ գնչուներու տիրապետութեան։ Ասոնք ընդունեցին հիւանդ կինը, դարմանեցին երեքն ալ, ազատեցին մահէն եւ ի յարգանս Նալպանտենց անունին, զոր չէին կրնար մոռնալ նախնական այդ մարդերը, անոր համագեղացին յանձնեցին գիւղաքաղաքին։ Վաչկատուններու մօտ պատահական այս բնակումը անոր տուած էր, կեանքէն զատ, բացառիկ շնորհ մը։ Գնչուհի մը, բուխսիրտ, պառաւ ըլլալուն հակառակ, սորվեցուց անոր, իր ցեղին մէջ շատ պիտանի արհես տ ը՝ բակլայ նետելու ։ Մաղ շինել ու բակլայ նետել, անօթութեան ու ճահիճին, ձիւնին ու արեւին կրակին դիմանալ, սիրել ու հայհոյել, էշ խնամել ու հաւ գողնալ, ահա քանի մը գիծերը ատոնց կենցաղին։ Հաճի Մարիամը գիւղաքաղաքէն բերաւ միայն մուրալը ու բակլայ նետելը։ Եղբայրները, որոնց հետ ան գժտուած էր էրկանը կործանման ատեն, պահեցին իրեն ց քէնը, բայց անցուցին գլխուն ոստահիւս հիւղակ մը։ Ան սկսաւ նոր կեանքը, քաղցր, համեստ, համակերպուն ` ասոր-անո ր լուա ց քին, գործերուն, տախտակին օգնութեան փութալով։ Մեծցուց, տնակի վերածելու չափ խարխուլ հիւղակը։ Մեծցուց աղջիկները ու կարգեց երեսի ջուրով։ Ու մնաց մինակ ` ձագերը թռցուցած արագիլին պէս, որուն էրիկը պակսէր։ Այսպէս թեթեւցած՝ ան մտաւ իր կեանքին բուն մասին մէջ։ Անիկա երդում էր տուած իրեն դիմողը չդարձնելու։ Ան երդում ունէր նորէն դրամին դէմ։ Ու տուաւ մթին իր արհեստին տարօրինակ լոյսէն բոլոր տառապողներուն։ Գեղացին կ՚անգիտանայ փոքր ցաւերը, որոնց դէմ իր մորթը, կոշկոռները բաւական հաստըցած են սերնդական վարժումով։ Մեծերը, այսինքն՝ ամէնէն շատ բարակը, որ ցաւի իսկ չի նմանիր ու սուտով կը տանի մարդը, լուսնոտ ընողը, որուն մէջ չարքերուն մատը ընդունիլը դարման չի բերեր, ու ան միւսը, որ արգանդը չոր, գօս՝ կը ձգէ հարսներուն ու բարոյական գիծէ ուրիշ մէկ-երկու տարտ եր, էրիկ ու կնկայ խռովք, նշանածներու մէջտեղ սեւ կատու, եւայլն, այս մեծերը երբ քիչ մը քաշքշուին, լուծուելու համար կ՚օգտագործեն գաղտնի գիտութիւնները։ Ու ստոյգ է, որ հաճի Մարիամին յաջողակ մատները կապը քակեցին շատ արգանդներու։ Իր անշահախնդրութիւնը, ժում մը հացով տուն մը տառապանք չքացնելու բարութիւնը, քիչիկ մըն ալ Երկնաւորէն այցելուելու հեքիաթները միջին անոր պառաւութիւնը ըրին սիրուած, պատ կ առելի։ Վեցհազարեակ ը գիրք մըն է, որ կ՚արժէ աւելի, քան ժամուն ոսկի Աւետարանը։ Ոչ մէկը տեսած է զայն, բայց կը ճանչնան։ Գեղացին շատ չի խօսիր զայն ունեցողին ետեւէն ` վախնալով ասոր աներեւոյթ սպասաւորներէն գերի սատանան ե ր , որոնք կրնան իրենց լսածը փոխադրել իրենց տիրոջը։ Տէրտէր մը, ղարիպ ծերունի մը, հոճա մը վախով կը մատնանշուին իբր ճին հաւաքողներ, հիւրասիրողներ։ Հաճի Մարիամը, գիրէ օտար, չհասաւ այդ միւսներուն առքին եւ երկիւղին։ Բայց իր պատգամները վար չմնացին հռչակաւոր ախթարնամէներէն, որոնք հիւանդներուն մահն ու առողջացումը անվրէպ կը պատմէին իմ տղայութեանս։ Բայց այս հոյակապ գիտութիւնը բաւ չեղաւ, որպէսզի վաթսունի դուռներուն գաղտնի ցաւ մը զայն, հաճի Մարիամը չկապէ, չգամէ անկողինին ամբողջ տարի մը։ Անդամնե ր ու այս կապը յաճախադէպ էր մեր ծերերուն, որոնք «իրենց մեղքերուն երախայրիքը» այս աշխարհքէն կը սկսէին ու տան մէկ անկիւնը, անպէտ ու հոտած աղբի մը դէզին պէս կծիկ դրուած, կը ճուային, կ՚անիծէին, կը հայհոյէին տարիներ ` կանչելով մահը, բայց պլլուելով իրենց օրերուն ամէն մէկին, լեղապատառ եւ սրտառուչ երկիւղով։ Ելաւ անիկա անշուշտ շնորհիւ իր բակլաներուն , բայց կորսնցուցած էր ոտքերէն մէկը գործածելու գիտութիւնը։ Անթացուպ՝ քանի մը ամիս։ Հիմա՝ գաւազան։ Եօթանասունի դուռներուն անիկա ա՛լ դուրս էր տառապանքէն, որ խեղութիւնը կը բարդէ մեր հոգիին։ Սիրտցաւ, մարգարէ, բուխ, կուշտ՝ անիկա ազատ մուտք ունէր Նալպանտենց տունէն։ Տարին հեղ մը-երկուք կու գար հաճի Աննային ` «բարակ ու համով» ուտելու, ինչպէս կ՚ըսէր պարծանքով ուրիշներուն, խշխշալու Աղուորին աղուորութեանը վրայ, աղօթելու եւ բակլայ նետելու։ Իր գիտութեան խորագոյն այս վրիպանքը դեռ մինչեւ աս օրը՝ ան չէր հասկցած, ինչպէս չէր ալ ընդունած։ Ամէն բակլայի՝ անիկա օրան կը նետէր, բայց առանց տղու։ Խանձարուրքը, օրանին կամարէն խա չ ը, կնքահայրը ` բոլորն ալ տեսնելով կապոյտ ուլունքին շառաւիղէն, բայց փնտռելով ալ միշտ մանուկը եւ տրտմելով չգտնելուն։ Անսասան ու գեղեցիկ բան էր անոր հաւատքը, նոր հարսի մը մարմինին նման իրաւ, տեսանելի՝ Աղուորին արգանդին վրայ, հարսնետունի մը նման փառաւոր, իր եղերական պարտէզներովը, հանգիստ ու առատ նրբանցքովը, ուրկէ տասներկու տղու գլուխներ առանց նեղուելու ճամբայ կրնային ունենալ, մա՛նաւանդ ներքնատունովը ու ասոր պատերուն ամրակուռ պատնէշովը, ինչպէս կը վկայէին իր մատները, երբ խուզարկէին։ Այդ «պալատին» մէջ թագաւորին տղան իսկ ինքզինքը օտար պիտի չգտնէր։

Առանձնացան, ինչպէս սովորութիւնն էր իրենց, օճախով սենեակը։ Չէր հեւար, հակառակ յոգնութեան։ Չէր նեղուեր, հակառակ կարճ տեսնելուն։

-Ո՞ւր է Աղուորը։

-Կը ջրէ։

-Լսեցի, հիւանդ ես ինկեր։

-Փառք Աստըծոյ, ըռինդ եմ հիմա։

-Յիսուս Քրիստոս ի՜նք հասնի, ի՜նք ողորմի։

Ի՜նչ քաղցր, ի՜նչ հայ էր անիկա, երբ կ՚աղօթէր այսպէս բարձրաձայն, ամէնուն համար։ Հիւանդութիւնը առեր էր վրայէն ինչ որ աւելորդ էր դատած, այսինքն՝ միսերուն շերտը, լիութիւնը, ջնարակը, հասակին ա՛լ անօգուտ սրութիւնը, բայց խնայած՝ ձայնին, աչքին ու հովին։ Նայող մը զայն հեռու կը գտնէր իսկոյն՝ մահէն, այնքան չ որ էր ամէն բան անոր վրայ։ Նոյն հիւանդութիւնը ըրեր էր զայն անհամեմատ թեթեւ, քան տարեկիցները։ Առեր՝ ոտքերուն բանալին, բայց նոյն ատեն ալ ոսկորներուն ներքին մզմզուկը։ Ու փայտին վրայ անիկա կը դնէր մարմինէն տարբեր նիւթ մը ըսես։ Այս՝ նիւթականէն պարպուիլը, ոգեղինացումը կը պաշտպանուէին անոր գնայուն կերպարանքէն։ Երբ իջնար փողոց, մէկ կողմին հակած, գոյնէն փոփոխուն եւ օտարոտի՝ անիկա կը նմանէր պատկերէ մը վերցուած հին դարերու սուրբի մը, փոքրացած, տաշուած, ըսես իր սրբութեան տենդովը մաշուած ու կերուած նահապետ մը, որուն դժուար էր հանդիպիլ մեր օրերուն, ուր կեանքը այնքան հաստ կը շինէ մեզ, մեր մարմինը ու մեր հոգին, բայց նոր ձգած ըլլալ կը թուէր ժամուն պատի ոսկեզօծ շրջանակով իր կտաւը, ու ելած բարեպաշտ պտոյտի, օրհնէնքի, բարիքի։ Չէին հաւատար անոր տարիքին ու կը նետէին վար, շատ վար իր հ արսնութիւնը։ Ան չէր տրտնջար։ Կը ժպտէր ու անոր այդ ժպիտը իրական անհունութիւն էր, այդպէս էր ապրեր անոր տէրը, չեղա՛ծ՝ հարս ու հասուն կնիկ։ Չէին հաւատար վկայութեանը հարսընկերներուն, բոլորն ալ դեռ տինճ կնիկներ, ճերմակ մազերով, բայց հաստակառոյց ու պայծառ, կեանքին վրայ խորախարիսխ, բայց տարօրէն փխրուն, կոպերու, հեւքի, փորի միամիտ, անուս, բայց անվրէպ պատգամներով դատապարտուած։ Անոր կարճուկ պեխերը, մազերուն քաշուիլն ու քիչնալը կը ներկայացնէին զարմանալի, բայց պատահական պատկերը դէմքին, ուրկէ զեղչուած, սրբուած ըլլան փաստերն ու հետքերը, կնիքը սեռին։ Չըլլար իր աղ երով էնթար ին, չըլլար՝ անօգուտ լաչակը, որ մազի տ եղ չոր գանկ մը միայն կը պատս պար էր՝ զայն պիտի շ փոթէին այն կուճուկցած (կարճըցած) ծերերուն հետ, որոնք իրենց մաղը (մանածին մաղը) մաղած, կը մաշուին ներսէն ու կը քիչնան, օրին մէկը իրենք իրենց իջնելու, հանգչելու համար, առանց որ հիւանդութիւն մը, կաթուած մը, յանկարծահաս խոստուկ մը միջամտեն կամ յոգնութիւն մը, ուշացած փափաք մը, կարօտ մը անոնց նուա ղ ող կանթեղին պուկ մը շունչ նետէ։ Ու աւելի՛ն։ Անիկա շատոնց հեռացած կը թուէր ծերութենէն ալ, մինչեւ հիւանդանալը ու անկէ վերջ քանի մը տարի՝ իր երեսներուն վրայ կրելէ ետք ամէնէն աղտոտ ու տգեղ բանը աշխարհին ժամանակէն առաջ ծերութեան դիմակը, զոր զրկանքը, բազմաստեղեան ցաւերը, անսփոփ թշուառութեան տարիներ մեր երիտասարդութեան ու հասունութեան շրջանին կը բարդեն, կը շաղախեն, կը սատափեն մեր դէմքին ու երակներուն։ Ի՜նչ սրտառուչ է կերպարանքը մարդուն, որուն մարմինը չէ իսկ ապրած ծառի օր մը գոնէ , անիկա վերադարձեր էր կանխահաս ու մանրանկար մանկութեան մը ` նմանելու համար Գուշիկ տէտ է ին, ափ մը ծեր, հարիւրէն շատոնց անցած, որ հազիւ կը հասնէր իր գաւազանին, կը ճըւճըւար խօսելու ատեն ու մանուկի մը նման կը խնդար հաւերուն ու կատուներուն երեսին։ Հազուադէպ այս ալ, բայց գոյ։ Հրա՞շք։ Դուք գիտէք։ Հարիւրի դուռներուն մարմինը կ՚իջնայ, կ՚իջնայ։ Ձայնը կը բարակնայ։ Ակռաները կը դառնան կէս դարէ ի վեր անատամ լինտերու, խախուտ ու մանրիկ ակռաները ճիշդ անոնց պէս, որոնք փոքրերուն լինտերը կը խորտուբորտեն։ Միտքը կ՚ընկղմի քաղցր մոռացման, անհոգութեան, անվաղորդայն միամտութեան աւազանի մը մէջ, տղայութեան ջուրը մէջը, ու ծերէն կը բուսնի վաւերական, ճիւաղ, զարհուրելի մանուկը։ Բուսած էին հաճի Մարիամին ալ ակռաները։ Բարակցած, ճլճլուն բան մը մա՛նաւանդ անոր խռչակը, որ խակ կը հանէր հագագը։ Հիմա, անոր երեսներուն վրայ չորնալու, կռնծելու դրուածը կարելի ալ չէր կաշի անուանել։ Այսպէս անիկա գաղթականն էր իր ծերութեան, ինչպէս եղած էր գաղթականը իր հարսնութեան։ Ու կեանքին սահմաններէն դուրս, անիկա՝ կարելի էր ըսել, կը մուրար հացը, բայց մա՛նաւանդ «խուզուրխուրդ», «աներես», «ցնդած» մահը, որ կորսնցուցած էր անոր անունը իր տետրակէն։

-Տեղս մոռցեր է, օղո՛ւլ, - կը պատասխանէր անոնց, որոնք կը քաշքշէին իր մանկանալը։

Մոռցողը Աստուածն էր, որ կը յապաղէր իր հրեշտակը ղրկելու։ Անիկա ուրախ արցունքով մը կը քաշուէր սրտաճմլիկ մեռելներէ ` քշելով ծանօթ պատգամը լացողներուն աչքին։

-Ապրէ՜ր, ապրէ՜ր։

Վաստա՞կը։ Ո ւ կը ցուցնէր ինքզինքը։ Յետոյ կու լար։ Ու անոր աչքերը կը մատնէին գերագոյն տառապանքը, որ արդիւնք է ապրելէ դադրելուն ու մեռնիլ չկրնալուն։

Քաղաքացինե՛ր, մի չափէք ձեր ծերութիւնը գեղին կանգունով։ Դուք կ՚ապրիք, նոյնիսկ երբ պարտաւոր էք ամէն պուկի հետ շ ն չ ել աշխարհին մուխն ու լեղին, երբ կ՚ուտէք ամէն պատառի հետ թոյն ու թուք։ Չապրի՜լը։ Կայ անիկա, դուրս ծերանոցներէն, յիմարանոցներէն։

Հաճի Մարիամը նստած էր օճախին դուռին։

-Պիտի չգա՞յ։

Հարցականը կը փնտռէր Աղուորը, որ, ո՛ւր ալ ըլլար, պիտի ձգէր ձեռքի գործը, պիտի վազէր դէմ, պիտի պագնէր անոր ոսկոր ձեռքը, յետոյ պիտի նայէր անոր սեռափոխ դէմքին, ու անյատակ, տեսողութենէն պարպուած եւ ուրիշ աշխարհի մը վրայ բացուած աչքերուն։ Ու երկու պատկերներու հակադրութիւնը մէ՜կը չկար զգալու։ Հաճի Աննան զարմանքով չափեց կախարդը։ Չէր հասկցած հարցումին հասցէն։ Կ՚ըլլայ ասիկա, երբ մօտ ենք մեզի եւ հեռու ուրիշէն։ Տեսաւ զայն ծունկի, Աղուորին վրայ աղօթողի հնօրեայ դիրքով։ Գիտէ՞ր, կռահա՞ծ էր նոր բան մը։ Բայց կու գար յաճախ անիկա աղօթելու։ Նալպանտենց տիկինը չունեցաւ պատասխան։

-Ներսէս եկաւ, հաճի Աննա։

Խռովեցաւ պառաւը։ Ու պատճառնե՞րը։ Նոր։ Գեղին մէջ ամէն սերունդ ունի իր «տարուածները», սովորաբար կին, որոնք սրբակենցաղ իրենց երիտասարդութեան հեքիաթը կը լուսաւորեն քիչ մը երկինքէն ալ, երբ տարիքը գայ արգանդին կուրացման։ Կիներ են անոնք, յիսունի վրայ, քիչ մը լուսնոտ, ժամերով նուաղող, բայց խօսուն՝ փակ աչքերով ու կը խօսին ինչ որ գեղին վրայ օր մը ուրուացաւ, բայց չիջաւ։ Կը բանան դուռները փսփսուած մեղքին եւ կը պատմեն անըմբռնելի մահերուն եւ խնամտուքներուն թաքուն զսպանակները։ Գեղին միջին խղճմտանքը վարողներ՝ ասոնք, սուտ-խենթի իրենց ձեւերով, սուրբ հիւանդութեան մը պաշտպանութեամբը անմերձենալի։ Կ՚ըսեն երկինքէն ու կ՚արթննան, երբ երկու կնիկ արդէն հիւրընկալած են դաժան կամ քաղցր պատգամը։ Խռովեցաւ հաճի Աննան։ Հաճի Մարիամը ամէնէն հեռու տեսնող աչքն էր մեր մեղքերուն անդունդին մէջ։ Անհաս են Աստուծոյ ճամբաները։ Ո՞վ կ՚արգիլէր, որ հաճի Մարիամը փռուէր փողոց, ինչպէս ըրած էր այնքան անգամներ, փակէր աչքերը, ու կիսափրփուր իր շրթները բանար՝ խօսելու երկինքէն եւ պատմելու ի՛նչ որ անոր խորերը ծրարուած կը մնան ու բացուելու են մեր գլխուն, ի՛նչ որ մեր արարքներէն կատոզ-կատոզ կ՚առնուի, կը տարուի, կը տեղաւորուի դժոխքին անսահման բակին մէջ, թթուն դրուած մինչեւ օրը դատաստանին, բայց ուրկէ յաճախ կարաս մը բան կը ձգուի միջոցին մէջ, որպէսզի իր հոտովը, գարշութեամբը ցնցէ քիչ մը կարծր մեղաւորները։ Հաճի Մարիա՜մը։ Բայց քի՞չ էր խօսած ե րկինքէն, Սողոմոնէն, Յոբ Երանել ի էն։ Ան գիտէր բոլոր հրեշտակապետներուն, ինչպէս սադայէլներուն անունները։ Ան կը պատուըւէր, իր առքի ժամերուն, Եղիայով եւ Եղիսէով։ Ու բանակները անոր Եօթներուն, Քառսուններուն, Հարիւրներուն, ու Հազարներուն, անդն դ աբնակ ոգիներ բոլորն ալ, որոնց ձեռքը պաշտպանութիւնը եւ միջոցները կը գործածէր անիկա ընդարձակ ազատութեամբ։ Հազուադէպ, բայց արձագանգով երկար էին անոր «լուսաւորման» պահերը, տարիներով ընդմիջուած, ու ասով տարբեր՝ ջուրոտ ու անկշիռ միւս «կաթում»ներէն։ Անակնկալ, շատ սովորական պահու մը, բամբասանքի ժողովի մը կուշտին՝ անիկա կը փակէր աչքերը, կ՚երկնցնէր իր ձեռքերը, երեսին վրայ պառկած, կը միաւորէր զանոնք չուանի մը վրայ, մեղքին չուանը, ոտքերովը հիւսելով անոր՝ վարի մասը, ու վերանալով այդ ճամբով դէպի երկինք, ինչպէս կը ներկայանար պարագան հեքիաթի մը մէջ ` տեսնելու համար անոր անհուն մատեանէն շատ բան, այսինքն՝ խղճին տախտակները բոլոր ժողովակիցներուն, բռնելով ու նետելով, այդքան խորերէն անլուր բաներ մեղք կամ բախտ, արցունք կամ ժպիտ անըմբռնելի՝ բայց մարդկօրէն կարելի, որոնք ժամանակին անիւին հետ կը հասուննային եւ կը հասնէին հասարակաց սեղանին։ Հոգեվարքներէն աւելի ահաւոր այս պատգամը քանի մը օր կ՚ըլլար խօսքի մեծ շարժառիթ։ Դիտուած էր՝ անդրաշխարհի վրայ ոլորուած այս եղջերափողը անցեալէն աւելի ապառնին կը պատմէր։ Հաճի Աննան աճապարեց.

-Անօթի՞ ես։

Նպատակն էր հաճի Մարիկը իջեցնել հաստ իրականութեան։ Փորձառութեամբ համոզուած էր, որ նիւթին այս միջամտութիւնը բաւ էր յաճախ տարտղնելու երբեմն անբաղձալի այս աստեղայնացումը, գոլորշիացումը։ Կաթիլ մը ջուր, թափուած կոպերուն, բերան մը հաց կոտրած են յաճախ սկսող առքերը։ Ու ներքին հեղումը կը չէզոքանայ՝ եթէ չի սպաննուիր։

-Ես գիտե՞մ։

Տարազ էր ասիկա անոր բերնին մէջ ` երբեմն պիտակի պէս փոխարին ելով իր անունը։ Կը կրկնէր ու կը կրկնէր, ճարահատ պատասխանելէ այն հարցումներուն, որոնք մեր յիմարութիւնը կը դնէ ճակատագրին բագինին։ Ու կը հարցնէին անոր բոլորը, իրենց ամենաչնչին բաղձանքներէն՝ ինչպէս խորագոյն հո գ երէն։ Իրաւ ա՜լ։ Գիտէ՞ ր Գոլոզենց հաճի Մարիամը, ա՛ն՝ որ երկամեայ մանուկ՝ Երուսաղէմ էր գացած դեռ մօրը կուրծքին, ընտանիքին առատ ու ձայնով օրերուն, երբ գերդաստանը «կիւռ-կիւռ» կը խօսէր ու գեղին մէջ մատի վրայ համրուելիք տուներէն կը սեպուէր։ Ա՛ն՝ որ հարս էր կեցած ոչ-նուազ փարթամ՝ հաճի Մուրատին ու աշխարհք մտած՝ ալ ու ադլասով։ Ոսկի էր մա ղ եր անոր պարոնտատը հարսի թափօրին։ Ա՛ն՝ որ պարոնտատին կործանումէն ետք գեղին հարստութիւնը կապուած է յաճախ անձի մը գլուխին։ Ասոր տապալումը՝ տապալումն է հարստութեան ալ , ծով մը պարտքի տեղ, տալով ունեցածն ու չունեցածը, փողոց էր իջած փայլուն իր տունէն, խելօք էրկանը հետ յարդանոցներուն ձմեռ անցուցած ու փշրանքի կարօտ, պոյ-պոյ տղաքը առջին, զաւկի եւ բախտի կոխան ղուրպէթ էր ելած, դուք գիտէք ատիկա, ու աւելին ալ։ Գիտէ՞ր հաճի Մարը, ա՛ն՝ որ տաքէն ու պաղէն անցած, ջուխտակ աղջիկները կարգելէ յետոյ երկինքին ալ համը նայած, ու յետոյ՝ հաճի Մարիկի իջած…։ Գիտէր, թէ կուշտ էր կամ անօթի։ Թեթեւ էր անիկա, հիմա, մարմինին շատ մը բեռներէն ու բերաններէն։ Ափ մը իր փորը կրնայիր լեցնել սուտով, ինչպէս դիտած էին եւ կ՚ըսէին երեսին քաղցր հեգնութեամբ.

Երկու կուց ջուր, պատառ մը հաց,

Հաճի Մարն է, պրծաւ-գնաց։

Չէր բարկանար առածին, բայց կ՚աւելցնէր.

-Երկու թիզ հող, առ ու պառկէ։

-Իրա՜ւ, իրա՜ւ, - կը կրկնէին լսողները, նոր հարս կամ կեսուր, մա՛նաւանդ կեսուր։

Ու նախնական, խեղճ անոնց ուղեղը կը հաղորդուէր, մահէն ասդին, հսկայ առեղծուածին, աշխարհին հզօրագոյն հարցին, մանուածապատ ու անթափանց, որ մարդերու քաղց որակումով ազգերը կը լարէ ազգերուն դէմ ու, երկրամասերով, ովկիաններով իսկ կշտում չի ճանչնար։ Բակլաններո՞ւ իմաստութիւն, թէ հողէն հաւաքուած անվրէպ բնազդ՝ անոր մէջ այս իրապաշտութիւնը եւ գերեզմանին իրականութիւնը իրար չէին հերքեր։ Անոր հետքերուն վրայ աշխարհին սուտը, անձուկը, երազը կը բուսնէին։ Ու ասիկա թերեւս անոր համար, վասնզի Արեւելքէն եկող ու զայն պատմող գուշակները պտըտող, անձնաւորուած վկաներն էին պարապ այսինքն՝ իր աւելորդէն մերկացուած , խաղաղ տրտմութիւններու, փառքերու, հոգիներու ոստայնէն։ Հեքիաթ էր անշուշտ։ Բայց գնչուներու դժնդակ պատեանին տակ, երբեմն կիներ, մատաղատի, կը դպէին մեր սրտին խորագոյն սնտուկներուն, կը դպէին մատով անոնց խորը բիւրակուղպ գազանին կամ հարսնեւոր սրտին, որոնք օրին մէկը պիտի գային դուրս ու պիտի զարնէին մեզ։ Հեքիաթ անշուշտ։ Բայց այդ կիները թագուհիներ էին յաճախ, որոնց նայուածքը բաւ էր իրենց շուրջը անտառներ հրդեհել ու հոգիները վերածել անշէջ ջահերու…։ Գեղացին սիրած է անոնց այս ճակատագրականութիւնը եւ այս պարտութիւնը ` չիջնալով անշուշտ այս խորութիւններուն։ Կ՚առնէր զայն ներս, բակլայով կամ առանց։ Ու հաճոյք էր դիտել, ինչպէ՜ս թռչունի բերնով ան կը դպէր ուտելիքին, սուտ ու հով, բայց կը բանար անսպառ ծորակները օրհնէնքին։ Ու հաճոյք էր, անոր դէմքին կոշկոռներէն ու կորդերէն վերանալ անոր աչքերուն, անանկ քիչ, անանկ խաղաղ, գերեզմանի վրայ փորուած զոյգ լուսամուտներուն նման երկարող եւ իջնող մինչեւ միւս աշխարհը։

-Հաճի Մա՜ր, - երկար, աճեցուն, ու հաստատ։

Հաճի Աննան ըրաւ իր արտայայտութիւնը այսքան լեցուն, կարծես քիչիկ մը մեծցնելու համար «քաղուելիք» սա անկշիռ մարմինէն։ Աճեցնելու համար արձակուելիք պատգամին իմաստը։ Ինչո՞ւ։ Վասնզի հաճի Աննան կը դիմէր բակլային՝ բացառաբար իր հաշուոյն այս անգամ։ Ու ժամէն ետքը, Մակարին փոշիէն ետքը, անոր մտքին մէջ գամի մը նման մխուած վճիռէն ետքը, ան նպա՜ստը կը մուրար անտես ուժերուն, որոնք կան՝ հակառակ մեր հերքումին։ Որոնք Հոս-Մնամին աղջիկները կ՚առնեն իրենց աղքատիկ, բայց երջանիկ բարձերէն եւ կը նետեն մուշտակին ու ադլասին, բայց արգանդները կ՚անապատին։ Որոնք փողոցի տղոցմէն գիշերուան մը ծոցով հերոսներ կը յօրինեն…։ Ան իր գիծին, այսինքն՝ իր եռոտանիին կ՚ուզէր հանել սա զգուշաւոր, վախկոտ, «հէչ» մարմինը, զոր տարիները արագ-արագ շիներ, բայց քակելու համար դանդաղ կը շարժէին այնքան ` եղունգեղունգ փրցնելով։ Եօթանասուն տարի՜, ոչ ազգերուն, դարերուն, պատմութեան ճամբով, որ թիւ ու թուղթ է ի վերջոյ, այլ պարզ, աղքատ, խեղճ կնիկի մը կեանքին կանգունովը։

-Հաճի Մա՜ր։

Խիստ ու հարուստ։

-Համմէ, օղո՛ւլ։

-Հա՞ց չէ նէ՝ բակլայ։

-Դուն գիտես։

Ի՜նչ էր գիտցած արդէն Գոլոզենց հաճի Մարիամը մեր աշխարհէն։

-Նետէ՛։

Քակուեցաւ գուշակը ծնրադիր իր հանգոյցէն, զոր կը շինէր անոր մարմինը աղօթքի պահերուն, ինքնամփոփ, կամաց մարմին մը, լուռ սարսուռներէ հերկուած։ Չզարմացաւ չգալուն, ինչպէս պիտի չզարմանար գալուն։ Դուրսին հետ գործելու անկարող կամ ինքն իր մէջ սուզուող մարդու այլուրութիւնը չէ ասիկա, որով մենք կ՚անգիտանանք մեր շրջապատին հոսանքներն ու յուզումները։ Չէ դարձեալ խելքին ուժէն, կնիքէն պակասաւոր, ու ատով՝ զսպանակէն ինկած կեցուածքը, որով կը դիմաւորենք ճակատագրին տնօրինումները։ Չենք հակազդեր, չենք ջանար, չենք ուզեր, չենք դատեր ու կ՚անցնինք ։ Շոշորթ, փախուկ, այրերու մէկ երանգէն քոքուր, զատ-զատ չեն կարող ընդգրկել այդ վիճակը, որմէ լայն երեսներ հաստատելի են իւրաքանչիւրին ալ ներսը։ Կակուղ խորհիլը աստիճան մը աւելի հարազատ է, տալու համար մտայնութիւնը, որ չի դիմանար ուրիշներուն։ Զետեղեց կռնակը պատին։ Առանց այդ նեցուկին, կռնակը պիտի դառնար իր կիսակամարին։ Բարի՜, հեռո՜ւ, կարծես բաց թեւը մինչեւ երկինք։ Դրաւ սրունքները վրայ վրայի։ Ու անոր գլուխէն՝ կոխ՝ կը զատուէր մակարդակ մը, հա՛կ, կամար կապելու համար այն անկիւնին, որ ծունկերով կազմուած խոռոչաւոր սարահարթը կը ստուերէր։ Այս դիրքով ան կը մտնէր «անդի»ին հետ հաղորդակցութեան։

-Ջուր։

Պիտի ուզէր անպատճառ։ Գաւաթը ըլլալու էր փայտէ, չէր բացատրած ինչու, բայց անվրէպ։ Չկրնալով երկար պահել զայն ` բարձրացուցած, ինչպէս կը տրուէր տեսնել Աւագ Հինգշաբթի կէսօրուան պատարագին ատեն, խորանանկար կտաւէն, կը ստիպուէր դնել կամացուկ գետին, շրթունքէն բռնած հաստկեկ փայտը։ Սպասումի շրջանն էր։ Ուրիշներ կը խոշորցնէին տեսարանը եւ կը կանչէին ճիները անոր հաշուոյն։ Ինք չէր պատմած ոչ իսկ տող մը բան գէշ այդ արարածներուն վրայ, ինք այնքան պերճաբան, երբ երկինքէն դարձին կու տար միւսներուն գեղեցկութիւնը, դիւցազներգակ բանաստեղծի մը ջուրերը վազցնելու չափ ուղեղէն։ Կը սպասէր սակայն։ Աչքերը կը պղտորուէին։ Կը փոքրանար ծիածանը ` խոշոր գլուխ մը մնալու չափ գնդասեղի։ Մինչեւ որ յ օ րանջը արթննար կուրծքէն, թեւաւոր, անտես, իմանալի շո՜ւնչը դեւերուն, ու գար հալածելու կզակները իրարմէ, գեղին բառովը՝ բերանը փաչատելու։ Յետոյ էր, որ պիտի փռէր թաշկինակը։ Ըրաւ այս ամէնը ընկալեալ շարքով, պարզ, հարազատ ու թեթեւ։ Քիչ-քիչ, ընդարմացած, կռնծած ու «ջուրէն քաշուած», այդ մարմինէն արթնցան տակաւին ուրիշ մութ բաներ, ձա՞յն, հե՞ծք, թրթռո՞ւմ։ Քիթին ծայրին բուսաւ կաթիլը, որ յօրանջին իւղն էր ըսես, ու կը համառօտէր խոնաւութիւնը աչքերուն, լալու համար շատ մանրացած ու ցաւէն, աղէն արգիլուելով։ Այսպէս կծկուած, մղկտուն, լալ չկրնալով, շունչէն փքոցուած, սիրտէն նիզակուած՝ ան տաժանելի կծիկ մըն էր ծերութեան ու դժբախտութեան զոյգ ցուցիչներով։ Բայց հետզհետէ տեսակ մը չարաշուք մեծութիւն, կշիռ կ՚իյնար վրան երբ կլափը որքան ալ մեծցած այդ պահուն՝ շրթներուն եզրակապերը դէմքին մինչեւ կէսերը հասցնելով անընդհատ բանալով, գոցելով, ծամելիքներովը գաղտնիքը, վերի ու վարի աշխարհներուն խորհուրդը աքցանելով, ցոյցի կը բերէր անհուն ու մռայլ անդունդը իր կոկորդին, մուտքին՝ լեզուակին սուրովը։

Յետոյ էր, որ պիտի նետէր։ Բայց անոր ձեռքերը մնացին անշարժ ` չձգելով փաթը գօտիին։ Դարձուց գլխիկը իր ծ խ նիին վրայ ու անոր ոսկորները բարակ-բարակ ճթռտացին։ Անհանգի՜ստ։ Ի՜նչ կը փնտռէր սակայն։ Հաճի Աննան զգաց ատիկա։ Բայց կը վախնար միջամտելէ։ Ու թողուց, որ վայրկեանը աւարտէ իր գործը։ Գուշակը յոգնեցաւ։ Գլուխը ստացաւ իր առջի դիրքը։ Ան աչքովը, հիմա ամուր բացած, մտիկ կ՚ ը նէր Աղուորին ստուերը, քայլքը։ Շատ քիչ անգամ, այս քանի՜ տարի է, խորհրդաւոր թաշկինակին եզրէն, ան խօսած էր հաճի Սառային, սա առանձնութեամբ։ Հաճի Աննային՝ նոյնպէս։ Չէ՞ որ երկու կեսուրներուն համար ալ, արգանդին ծովը պատմելիք ունէր։ Չէ՞ որ ան խուզարկած էր, խորաքննած բակլաներուն կարկինով արգանդին ճամբան։ Ու ասիկա, էրկանը մահէն առաջ՝ հաճի Աննային։ Կիները կը մոռցուին, երբ կը կարգեն իրենց տղաքը։ Նոյնիսկ առջինեկը։ Ան ո նք «դասը կ՚անցնին», այսինքն՝ ա՛լ արգանդէն կտրուածներուն դասը, ուրիշ խօսքով՝ դասը անոնց, որոնց համար գերագոյն ճամբան գերեզմանինն է։

Տունը լուռ։ Երբ տղայ չկայ։ Երբ արգանդ չկայ։ Ան հարցուց վերջապէս։

-Ո՞ւր է, ինչո՞ւ չի գար։

-Մինա՛կ, հաճի Մարիկ։ Մինա՛կ։

-Հա՜։

Կեցաւ գուշակը։ Ան շփած էր քիթը, ցամքած կայլակին աղը փշրելու համար, որ կը նեղէր վիրաւոր, տակէն կրծուած մորթը անոր ռունգերուն։ Ըսել է «հարց» ունէր հաճի Աննան։ Ու հա՛րց՝ հարսէն դո՞ւրս։ Այն ատե՜ն։ Խենթ չէր անիկա ` հաճի Մարիկը, մարդերու խելքին դէմ թի քաշելու։ Մինա՜կ։ Մարդերու կուրծքին տակ, միսին «թափուա՜ծքը», որ շրջուած սիրտի մը կը նմանի։ Բայց երբ անիկա մատչելի կ՚ըլլայ, ձեւընկալ կ՚ըլլայ բախտին մատներէն։ Այս կարգի խորհրդաւոր րոպէներուն մէկը զայն կ՚առնէր ու գունտի մը պէս կը նետէր լիճին եզերքը։ Ան պիտի մտապատկերէր զանգակ թափող հին վարպետը, գնչու՝ բայց պայծառ, որ իր դժբախտութեան շրջանին, հեռու վրանին առջեւ, աւազին ծոցը աման մը հալած բան էր թափած ինք կարծեց ոսկի ու հանած անկէ գեղեցիկ զանգակ մը, խատուտիկ ու նազոտ, աղջկան մը սիրտին նման, զոր շրջած ըլլան։ Ի՞նչ կապ խորհուրդին ու զանգակին տեսիլքին մէջտեղ։ Իրողութիւն էր, որ անոր զգայարանքը գա ղ տնիքի ուժ կ՚առնէր պատկերէն։ Դառնալէ առաջ ասդին, հիացիկ՝ ան կը հետեւէր եօթը տղոց հասակին, որոնք երկաթ ձողի մը վրայ վերցնէին զանգակը քիթէն ու կ՚առնէին իրենց ուսին։ Ինչպէս վարպետը, ծնրադիր, գամի բարակ գլուխ մը զարնէր զանգակին շրթունքին, ուրկէ աղջիկ, երկարուն, դեռ աղուամազոտ հունչ մը պատասխան կու տար, այնքան իրաւ, մարդկային, որ նոր հարսի մը սիրտէն փրթելու նման կը տպաւորէր տղաքը։ Մեր սի՜րտը, երբ մետաղին մէջէն կը ստիպուի խօսիլ։ Ու ի՜նչ խոշոր սիրտ։ Այս տեսարանը ինքնաբերաբար կու գար, ամէն անգամ, որ բակլաներուն վրայ ճնշումը զօրաւոր կարծէր։ Ու անոր հոգին «հոտ» կ՚առնէր։ Ու բակլաները չէին ալ մոռնար ս իրտերուն ճամբան։ Պառաւը գիտէր մարդերու եղերական, ծիծաղելի տկարութիւնը այդ լուռ ու մութ ձայներուն դէմ։ Ի՞ր գեղին ծիրէն։ Բայց բոլորէն ալ ` սկսելով գեղին մեծափառ պետերէն, որոնց տուներէն ներս 40-50 դգալ կը խաղայ ամէն սեղանի, եւ որոնց դուռներուն ուղտերը ծունկ կը դնեն, մինչեւ խարխուլ հիւղակը, մինչեւ տուն-մնաները, փատցածները, խեղերը եւ դէմքի տեղ խոց-խոց, կրակի մէջ ձգուած կաշի կրողները իրենց երեսին, կամ որոնց աչքին պտուղը որդնոտած խաղողի հատիկին կը նմանի։ Խեղճ հաճի Մարի՜կը։ Պիտի զարմանա՞ր՝ եթէ մէկը աւելցնէր իրեն ականջին սա միւսն ալ։ Ա՛ն՝ որուն համեմատ այդ կարօտը, մինակ լսելու, նոյնքան հզօր էր ուրիշներուն մօտ ալ, գեղէն դուրս, մեծ-մեծ, աշխարհներու կատարին։ Անոնց մօտ, որոնք պալատներու մէջ կը ծնին, ոսկի օրան կը պառկին ու կը փտին մինչեւ վախճանը, մետաքսին ու ադամանդին ցիցերովը ծեծքուած։ Որոնք, հաստ-հաստ գիրքերու քամակէն երկինքն ու երկիրը կը քննեն, խելք կը հասցնեն աշխարհին ու չաշխարհին, բայց մտիկ կ՚ընեն գուշակին բերնին։ Կեսարն ու իմաստունը։ Թագուհին ու Կրեսոսը։ Գեղացի կնիկ՝ ան չէր մոռցած, բայց չէր հասկցած գնչուհիին զրոյցները, որոնց մէջ պառաւներ կը քալէին, աչքերնին կապ, դէպի պալատները եւ իշխանուհիներու սրահներուն մէջ կը խօսէին անոնց հիւանդ, ծարաւ սիրտերուն, անոնց ուզա՜ծը միայն։ Մանչ ուզող սուլթանուհինե՜ր, երբ ամբողջ ապրշում ու ամբողջ ոսկի տիւան ներու 3 ՝ վրայ իրենց դալկոտ մարմինները տարածած, նայելու համար իսկ բարակ՝ իրենց ծիծերէն կախ ոսկիները կը հանէին ու կը նետէին գուշակին ճիտին, խենթեցած, նուա ղ ած պատգամին գեղեցկութենէն։ Գեղացի կնի՜կ գիտէր միայն, հաստատ ու լայն զիջումով, թէ բոլորը, բոլո՜րը կը սիրեն իրենց ուզածը լսել, ինչպէս մրմնջեր էր մեղմ, հնօրեայ պառաւը, երբ բացեր էր իրեն քողը խորհրդաւոր ուսումին։ Լսել մինակնին։ Թէ պէտք է նայիլ դէմքին ու աչքին, տեղին ու տարիքին, բայց ամէնէն առաջ արգանդի ճամբուն։

Խաչ հանեց։ Այսպէս տեսեր էր, քառորդ դար առաջ, անհաւատ ընդունուած գնչու ձեռքերէն։ Յետոյ՝ փսփսու ք ։ Մետաքս թելի պէս բարակ։ Ու նետեց։

Եօթը հատ էին։ Սովորական, խեղճ այդ բակլաները իրենց խորշոմած մորթովը ու կրծուած, «հաճի» քիթերովը, ուրկէ առնուած էր սեւուկ եղունգը։ Իրարու՝ մօտ, հեռու, պորտ պորտի ու բերան բերնի։ Կային մէկ-երկու ալ զառածածներ, մենաւոր, լքուն։ Կար գլուխն առած հեռացողը։ Ուլունքը միայն փոխեր էր կախարդական շրջանակէն, որ ձեռահիւս օղակ մըն էր թաշկինակին քառակուսիին մէջը։ Թշուառական ապակի՛ն։ Իր խուճապին մէջ խուճապահար ըրաւ ան անզգած հաճի Մարիկը, որ վշտոտ, այլայլուն պաղեցաւ մէկ է ն, դ իտելի ըլլալու չափ հաճի Աննայէն։

Տխուր, անհերքելի իր փորձառութի՜ւնը։ Ուլունքը գէշ, շատ գէշ բան կը պատմէր։ Իմա՞ստը այդ փախուստին։ Որոշ։ Մարդոց ուզա՜ծը լսել։ Որո՞ւն գերեզմանը կ՚ուզէր սա բարեպաշտ արդար հաճի Աննան։

Նալպանտենց տիկինը զգաց արմանքը, որ պաղած էր հաճի Մարի շեմքին։ Հակառակ ինքզինքը մատնուած զգալու վախին, հետաքրքրութենէն նուաճուած, գրեթէ պոռաց, հարցնելու փոխարէն.

-Ո՞ւր կը նայի։

Գուշակը դեռ չէր դարձած իր խռովքէն։ Քանի՛ տարիքին մէջ խորացեր էր ան, ա՛յնքան տկար գտեր էր ինքզինքը իր վարպետին պատգամը յարգելու։ Հետզհետէ իր իմաստութեան մէջ աւելի անգայտացած, քանի մը մեծադղորդ յայտնութիւններուն սարսափովը սփածուած՝ ան իր արհեստին այդ գերագոյն րոպէին կ՚այլուրանար։ Տեսակ մը խրոխտ ներշնչում զայն կ՚ընէր դուրս առօրեայէն ու նկատումէն։ Շատերու սիրտ կոտրած, բայց ինքզինքը հակասելու անկարող, այդ «լուսաւորման, մղումի» պահուն ան կ՚ըսէր, ըսած էր ու հիմա ալ պիտի ըսէր անդառնալի բաներ, տուն աւրող՝ բայց իրական։ Փախո՞ւստ մը։ Եթէ արտօնուէր։ Բայց իր խուսափումը ոչինչով կը փոխէր ճակատագրին անիւը։

-Ո՛ւր կը նայի, հաճի Մար։

-Գերեզման։

Կարծես ինք չըլլար ըսողը։ Ձայն, ձայնի խմոր, ձայնի միս կը պատկանէին անծանօթին, որ կը բարբառէր անգիտակից ու վճիտ, իր մարդկեղէն խողովակէն։ Հաճի Մարիամին կոկորդը ճակատագրին գալարափողն էր, իր զարհուրելի երկդիմութեամբ, բայց հաստատ, անողոք պատգամով։ Լսուած չէր, որ անիկա հասկնար սխալ ճակատագրին ձայնը։ Նալպանտենց Աննա՜, վա՜յը գլխուդ, տունդ է կ՚այրի։ Ճիշդ է, որ չեղան այս բառերը անոր երեսին։ Բայց վախցէք չըսուածէն։ Ու ճակատագիրը գրական մոթիֆ չէ այս պատմութեան մէջ, ոչ ալ խրտուիլակ մը հաճի Մարիամը՝ կուշտին։ Զարկէք ձեր գլուխը ձեր ուզած քարին։ Պիտի դառնաք ձեր կրունկին վրայ, իյնալու համար երկաթէ բազուկին մէջ այդ աստուածութեան։ Հելլէնները խելք եւ իրաւունք ունէին նոյն ատեն։ Ո՛ւր էր մեղքը Նալպանտենց գերդաստանին։ Լիճը լեցնելու չափ բարիք էր բերած անիկա այս գեղին գլխուն։ Խօսիլ սխալ է, դատել, դատափետել մեր տկարութիւնները, անոնց վրայ բեռնալու համար մեր երկհազարամեայ ողբերգութիւնը նորերու բերնին սոփեստութիւն է, դիւրին եւ աժան։ Ո՞վ է, որ կը վարէ անիւը մեր անպատում թշուառութեան, դարէ դար աւելի խոր, աւելի անարշալոյս։ Ո՞վ է, որ կը չորցնէ մեր արիւնին ճամբան, մեր ցեղին զաւակներուն հոգիներէն եւ Նալպանտենց Սերոբին երակներէն…։ Հաճի Աննան զգա՞ց այս վճիռին ամբողջ կշիռը։ Պաղ քրտինքի մէջ, որ յանկարծակի ըլլալուն չափ, սպասող էր նոյնքան, ան նստաւ ծունկերուն։

-Ի՛նչ գերեզման։

Գուշակը մնաց լուռ։ Ան գտած չէր ինքզինքը ամբողջովին։ Բայց հեռուներէն սրբագրուած, կոկուեցան անոր կապերը։ Ինչու կը հարցնէին։ Բայց ինչ բան աւելի իրաւ՝ այս երկրին համար, քան գերեզմանը։ Զայն պատրաստողը մահը չէ մինակ։ Դարձուցէք աչքերնիդ աջ ու ձախ ու տեսնէք պիտի, որ ամէնքս ալ անոր գործաւորը ըլլալէն զատ դ երի մը չենք կանչուած։ Փակուեցաւ սրտմտանքը անոր աչքերուն։ Գոց։ Ի՜նչ կը տեսնէր այդքան վարերէն։ Ոչ մէկ թեւ շարժումի, բարակ իսկ աղմուկի։ Երկու կիներն ալ սուզուած էին իրենց անդրագոյն ջուրերուն ծոցը։ Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ կտրեց իր մատը ուլունքին, որ պզտիկ, կիսաշաւիղ պսպղումով մը կը կենար հանդարտ, չար, բաց, նման ճակատագրին ծակ, անյատակ աչքին, նետուած այդպէս, անխելք ու անփոյթ՝ ճամբաներու խաչաձեւումին։ Բայց չառաւ։ Ամէն արագ հաւաքում դուռ կը բանար ստիպման, տաղտուկի, կորուստի։

-Մէկալնե՞րը, հաճի Մար։

Հարցումը նկատի ունէր թաշկինակին բնակ չ ութիւնը։ Իրա՛ւ ալ, բացի խոշոր, դասական պատգամէն, որ հազուադէպ է շատ, մնացեալներուն ընթերցումը գիտութիւն մըն էր առանձին ու զարմանալի։ Մտքի մի բերէք այն շաղփաղփ ու սուտակասպաս հեղեղը, որ կ՚իյնայ գնչու, կեղծ գուշակներուն ակռաներէն։ Մտքի բերէք քիչ՝ բայց երկաթի պէս խօսող, խռուահեր ու դժնէ գուշակը, մինարէի մը շուքին իր աւազը կամ թաշկինակը փռած, որ չի նայիր իսկ ձեր երեսին, չի սպասեր ձեր դրամին ու նայուածքին ու կը գոհանայ նիյէթ ը միայն լսելով։ Մնացեալը իր գիտնալիքն է։ Հաճի Մարիամը բոպիկ չէր պտըտեր, համայիլ չէր կախեր եւ չէր մուրար։ Բայց եօթը գեղ հեռուէն իր դուռը ափ առնող թշուառին չէր զլանար խորհուրդին ցուցմունքը։ Ան, այդ գաճաճ էակներուն լեզուովը՝ լոյսին էր բերած, թանկագին կորուստներ, որոնք տուները կը նստեցնեն մոխիրի, գողութեան ու բոզութեան ծորակը բանալով խաղաղ, պայծառ, ընչաւէտ ընտանիքներու ծոցին։ Հսկայ պուկիները, այնքան աղէտաւոր, որոնք արգանդն ու առնին կը հարուածեն կամ սիրտն ու ուղեղը կրամածուն կը դարձնեն։ Դաւերն ու ցաւերը, Զատկի չէօրէկ ի նման, իւղոտած ու համեմոտ, որոնք կիներուն կռնակը կը դրուին ու կը պտըտցուին փողոցէ փողոց, որպէսզի զովանայ սիրտը թշնամիներուն։ Ա՜խ, սա մարդերուն ակռան, ո՛չ կզակինը, այլ՝ հոգիինը, որով կը խածնեն ուրիշներուն միսը, ինչպէս պատիւը, երջանկութիւնը, ինչպէս, աւա՜ղ, ցաւն ալ, չյարգելով սուգը ու ցայտելով իրենց պիղծ լորձունքը անոնց սրբութեան։

Սթափեցան։ Չափեց բացուածները, կորագիծերը, անկիւնները, քիթովը մանրիկ, հաճի իր մատնոցին, որ ճկոյթին անցած ատեն ճինի մը գլխուն անցուած թագին պէս զօրութիւն կը հագազազուն (պակաս է՞, էջ 431-32) որայ։ Անոր գիծերէն, ուրդերէն, արցունքի ճիւղերակներէն բարակ ու ներքին ցոլք մը կ՚ուրուանար ու կ՚անցնէր՝ առանց պատկերի վերածուելու։ Յետոյ յոգնեցաւ։ Յ օ րանջը կրկին զարկաւ անոր ակռաները, ինչպէս նոր հանդարտած ծովէ մը վերադարձող գալարքը ամենահար ալիքներուն։

Չէր կրնար ծածկել։ Իր խոտէ մարմինը, իր պահանջներուն աննշան ասեղովը, իր հոգին՝ բազմամեայ տառապանքին դէմ միս-մինակ իր ճակատումովը, գեղին մէջ իր ընկերային դիրքը, որ կը դադրէր ըլլալէ, աղջիկներուն հարսնութենէն յետոյ, զինքը ըրեր էին անկախ ու անվերապահ։ Տարիքը, մա՛նաւանդ հիմա, իրեն ընձեռած էր ազատութիւն մը, որ զինքը բոլորովին հակոտնեան կը դարձնէր ասպարէզին չուառ ու անկանգնելի երեսպաշտութեան։ Այնպէս որ, գոյն ունէր իր ասումը, սեւ կամ ճերմակ, քիչ անգամ երկուքը մէկ, բայց երբեք նկատում։ Նոյնիսկ իջած էր գեղին ստուար ծալքերուն՝ լեզուէն իր արձակութիւնը։ Իրեն դիմողները արդէն կապկպուած ճակատագրին ուռկանէն ու ծեծուած բախտին թակ էն 4, յստակ բանաձեւներ կը դնէին թաշկինակին եզերքին։ Անոնք պատրանքէ պարպուած աղէտահար արարածներ էին, քամուած՝ ինչպէս մածունը տոպրակէն, վասնզի իրենց ցաւերը ա՛լ յորդած էին իրենց ամաններէն։ Ա՛ն՝ որ կու գար հիւանդին համար, հաշտուած էր գերեզմանին։ Ա՛ն՝ որ արգանդին համար, աչքն առած էր ողջ գերեզմանումը։ Ու ծայրագոյն աղէտներու այս սպասին մէջ անիկա ստացած էր հարցուկեան խորհուրդ։ Հակառակ իր բերնէն բխող սարսափին, քաղցր ու համակրելի, կը դիմանար անոր անձը ու ընտանի՛, մարդկային՝ նոյնիսկ եղերական ցանցին խորը տրամներուն։ Մահը հետապնդող, միշտ զայն ձեռքէն փախցնող, այս ողբագին աչքկապուկին մէջ անոր ուղեղը ա՛լ վարժուած էր նիւթին, առանց ընկալեալ, դասական խռովքին կը գտնէր ու կը պատմէր պատգամը, մ ե կին, պողպատ ու միապաղաղ՝ ինչպէս երախը ռուսին, գրեթէ չխորհելով կործանումին, որ կը ծորէր իր բառերէն։ Մի կարծէք, թէ տառապանքէն հակադրուած չարութիւնն է ասիկա, որ ուրիշներու դժբախտութեան պատկերով ի՜րը կը լուսաւորէ։ Ան անհուն գթութիւն, բարիք եղաւ մինչեւ գերեզման։ Ու խուճա՛պը՝ միշտ առաջ կու գար մա՛նաւանդ իր մօտ, աղէտէն՝ որ կ՚արձակուէր անակնկալին թաթէն։ Ուրիշ ի՜նչ կրնաք ան ո ւանել սա յանկարծահաս փեռեկումը՝ մինչեւ եղերական թաշկինակին մերձեցումը անկնճիռ, նախանձելի նկատուած խաղաղ տունէ մը, որ կը զարնուի ըսես կայծակէն։ Ահա իր չհասկցածը։ Միշտ, նման հեռանկարի մը առջեւ, ան կը նմանցնէր գալիքը՝ լեռնէն արդէն փրթած ապառաժին, որ ճամբայ է ինկած դէպի ստորոտի շէնը, անգիտակ ու երջանիկ ` մէկ րոպէէն միւսը փոշի դառնալու դատապարտուած։ Խորապէս կը մեղքնար, բայց ահա նրբերանգը, կը մեղքնար աղէտին կապուած անմիջական դրուագումէն աւելի, անոր յաւելումը, երկարաձգումը ուրիշներու ալ ջուրերուն, միշտ ժամանակին ծոցը, միշտ մարդկային արիւնին վրայ լողացող նաւակին մէջ իր թին զարնելով։ Մնաց որ, մահը այնքան ալ օտար ու սարսափելի բանը չէ գեղին համար։ Քաղաքացին կը մեծցնէ զայն, վասնզի ա՛լ կորսնցուցած է անոր հետ ուղղակի շփումը եւ այս մարզանքին հետեւող համեմատական սառնութիւնը։ Տարիէ տարի, սիրահարի մը կուշտին, ափին ծաղկեփունջ, գերեզման այցելելը ուրիշ բան չ՚ըներ մեծ քաղաքներուն մէջ մեծ մասը մարդերուն ժամանց է, ժամադրութիւն է, կը հասկնաք՝ ոչ-մահուան, եւ ռոմանթիզմ։ Հիւանդանոցը մահուան զոհաբերումը, փողոտումը խնայելով մեր աչքերուն, քառակուսած է անոր մտապատկերին հանդէպ մեր դիւրազգածութիւնը։ Հիւանդանոցէն ելլող դիասայլը մեռել չէ, որ կը կրէ, այլ՝ ուրիշ բան մը։ Մերօրեայ կեանքը հետզհետէ մոռնալ, ուրանալ կը թուի ինչ որ առօրեայ արարողութիւն է գեղին համար։ Քաղաքը զանգակէն կը սարսափի եւ թղթաբերին մահազդը կը կարդայ ժպիտով։ Գեղին մէջ մահը շաբթուն երկու-երեք հեղ կը հոյնէ 5 անպատճառ հիւղակները՝ ինչպէս եռայարկանի ու փոքր թաղի մը չափ երկարուն, հսկայ կառոյցները։ Իր առածը կը տանի հանդէսով ու կը սարքէ տեսարաններ, որոնք կը կրկնեն հարսնիքներու, կնունքներու, տաղաւարներու մեծ խրախճանքները։ Ընտանի եւ բնական է անիկա։ Անոր ամէնէն խուժդուժ ձեւն իսկ մորթելը, մորթուիլը կը դիտուի յստակ, աղմուկին խորն իսկ համաչափ դիմացող յարդարանքով մը, զերծ՝ անհուն այն լքումէն, որով կը փոշիանայ, ինքն իր վրայ կը կրանայ տուներուն հոգին քաղաքներուն մէջ, երբ մահը կ՚ելլէ անոնցմէ, խածած երիտասարդ մայրը կամ խարտիշահեր պատանին։ Այս է պատճառը գուցէ, որ տակաւին գեղացի ցեղեր մորթեն ու մո ր թուին հանդարտութեամբ։ Թուրքերը անգութ ըլլալէ առաջ գեղացիներ են, նոյնիսկ իրենց աւագանիներուն, իշխողներուն մորթին տակ, որ սաւանով կամ փաթթոցով չ՚ազդուիր ու չ՚ազդեր, մա՛նաւանդ իր տակ թաւալող արիւնին, հիմնանի՜ւթը ամէն զգայութեանց։ Ան արուեստի թեմա մըն է նոյն ատեն։ Սրտի ի՛նչ պաղշտուկով աղքատները կը հետեւին իշխանաւորի, մեծատունի դագաղներուն։ Անշուշտ լրբութիւն, հեգնութիւն կը խնայուին։ Բայց երգահանները կ՚օգտագործեն պահը։ Ան խրախճանքի օրն է, ուրիշներու քամակէն վճարուած, բոլոր զրկուածներուն։ Տապալող ամէն փառք, ամբարշտութիւն, խրատ մը ըլլալուն չափ վայելք մըն է անոնց համար, որոնք ոչինչ ունին ձգելիք։ Յետոյ, ո՞վ չունի գերեզմանի մը ճամբան ` գամուած իր ներբաններուն, բայց ուրիշ է ընել այդ ճամբան առանց բեռի, ուրիշ՝ ոտքերը ետ ։

Խօսեցան անոնք թեթեւ բեկումով։ Եղերականութիւնը, վտանգին թուխ ամպը մեզ կը տպաւորեն կրկնաւոր ուժգնութեամբ մը՝ ինչպէս ամանի մը մէջ բանտուած թոյնը։ Թող ելլէ շանթը մութ իր կծիկէն ու թափի գետին՝ թոյնը իր ամանէն, երկուքն ալ պիտի իյնան իրենց ուժէն։ Մահուան վճիռ մը, ժամանակի քիչ մը լայն տախտակի վրայ, կ՚արժէ մահէն քիչ։ Զայն կը մոռնանք նոյնիսկ…։ Անոնք իրարու մօտեցան ` թխմուելով դասական անկիւնը։ Լսուելէ վախցող մեղքի մը կը նմանէր ձայնը, հաճի Աննային շրթներէն։ Ուզեց։ Շատ, մանր, յստակ ուզեց։ Կարծես ասոնք ծրարուած էին հաճի Մարիամին մէջքը, գօտիին բոլոր փաթերուն։ Ծաւա՛լ։ Խո՛րք։ Տարի՛ք։ Գո՛յն։ Թի՜ւ։ Լրբութի՜ւն, հարկա՛ւ, այսքան վստահութեամբ ճակատագիրը նեղի դնելը։ Բայց հարուստները ե՜րբ չեն ատիկա։ Փոսին պատգամը պարտական էր ճշգրիտ, ամբողջ ըլլալ։ Տարաժա՞մ։ Բռնի՞։ Մահիճի՞ մէջ։ Լերան թումպ ի՞ն 6 ։ Կ՚ուզէր տեղին ստոյգ նկարագիրը։ Յետոյ բռնացաւ։ Շանսատա՞կ։ Սակրուա՞ծ։ Ծառէն կախուա՞ծ։ Շիլլին թռցուա՞ծ։ Կրակին եփուա՞ծ։ Քարն ի վար վիժուա՞ծ…։ Ու այն քիչ-շատ իրարու նման ձեւերը, կտրուած մահուան մեծ մկրատէն ու դէզ-դէզ ձգուած կեանքին պողոտաներուն։ Փրկութեան գօտիներուն նման, որոնցմէ մէկը հագած պիտի իջնենք մեր փոսը։ Նեղը դրուած՝ հաճի Մարիկը ըրաւ ուժով ճիգ ու անոր մանր աչքերը տեսան, անկողինի փռուածք մը, բարձեր, դաշոյն, կապոյտ վարտիք, թուխ դէմք, լուսնակի պէս «ապլախ» ուրիշ երես, արիւն, կրակ…։ Կցկտուր էին բառերը, ինչպէս բզիկ-բզիկ էր մշուշը, ուրկէ կ՚որսացուէին այս ոստրէները բախտին։ Հակառակ պառաւին պնդումին՝ ան չկազմեց այս տարրերը։ Ու այսպէս քաոս, բայց ըստ բաւականի թելադրիչ, կը ցցուէր անոնց առջին ինչ որ պիտի գայ այս պատմութեան առաջին արարը փակելու։ Պա՞հը, պառաւին հոգեկան կանխապատրաստութի՞ւնը, հինէն վաւերական դէպքե՞ր շինուած էր մրրկահար սարսափը, որ մեր արիւնը ջուրի պէս չէզոք, անգոյն կ՚ընէ…։ Անոնք տարին վէճը ժամանակին գետինին։ Գուշակները խորհրդաւոր թիւեր կը գործածեն–, երեք օր, երեք շաբաթ, երեք ամիս…։ Հաճի Աննան սպասեց անձկութեամբ։ Չաճեցաւ ժամանակը պայմանաւոր տարազէն։ Չէր արտասանուած մարդուն քիչ մը շունչ տուող երեք տարին, որ աղէտը կը նետէր շատ հեռու եւ թերեւս կը չքացնէր ալ։ Ժամանակին մէջ այսպէս որոշադրուած՝ գալիքը մօտեցաւ մէկէն, սանկ դուռին սպասող բանի մը նման։ Աւարտա՞ծ այս տարականոն հանդէսը։ Ու՝ ա՞յս խժդժութեա՞մբ։ Մէկը իջաւ հաճի Աննային ներսը, կարծես ձեռքովը բանալով անոր ճամբան։ Այս զգայութինը, զոր շատ ուժգին մտածումի մը կողմէ մեր ուժաւորումը կու տայ մեզի, վտանգին իսկ պորտէն, հաւաքեց անոր տարազած կորովը։ Աւրեց, լիրբ ու հայհոյուն, «քաքնելով ու շ ռելով» (ան չէր տէրը իր լեզուին), բակլաներուն գետնատարած էջը։ Հատիկները հաւաքեց ցասկոտ, շրթները դողդո ջ, յօնքերը յիմա՜ր՝ թխմեց զանոնք հաճի Մարիամին ափը կրկին։ Հրամանն էր՝

-Նետէ՛։

Շատ խոշոր, տագնապը խոր հարցերու դէմ, հաճի Մարիամին սովորութիւնն էր կրկնել, երեքնել այս խորախորհուրդ ցանը, ճակատագրին ափէն։ Հոս էր, որ կը տարբերէր շարլաթան ներէն։ Իր բառերը գրող մը երեք անգամին ալ իրարու նման պիտի գտնէր պատգամը։ Առաւ հատիկները, ճիշդ ցանողին պէս՝ փռուեցաւ կրկին կարմիր սկաւառակը թաշկինակին եւ ուլունքը դուրս էր նորէն կախարդ շրջանակէն, պառկած նոյն կէտին։ Ուղղութիւնը՝ որոշ։

-Փրըշա՛կ…

Չկրցաւ չարտաբերել հաճի Աննան։

-Մի՛ նեղուիր, քուրուկ։

Ի՜նչ դիւր, ի՜նչ հանգիստ էին անոր բառերը։ Հիմնականէն յետոյ կը քաղցրանար անոր պաշտօնը։ Ինքնատիպ էր իր կեց ո ւածքը, նման պարագաներու։ Ոչ մէկ աճապարանք՝ մեղմելու վճիռին անողոք բրտութիւնը։ Ոչ իսկ սփոփող լեզու։ Իրեն անպէտ բանը ուրիշներուն կամեցողը եսասէր, կեղծաւոր է միշտ։ Թափուածը կար ե լի՞ էր հաւաքել կրկին։ Քիչ՝ բայց լեցուն իր արտայայտութիւնը, վերէն դրուածին դէմ անդիմամարտ վիզի ծռութիւնը, իմաստութիւնը, կծու եւ խիստ, որով կը խարանէր պատգամէն ցատկելու ամէն յիմար ճիգ, կը տպաւորէին, եւ կ՚անցնէին խնդրարկուին։ Այս երկրորդ կողմն էր, որով կը զատուէր անոր պատգամը մաղ ծախող գնչուներու թուլ բերաններէն։ Լաւ կը խօսէին ասոնք ու շրթունքներէն սուտը կը վազէր, ողորկ ու պղպջուն։ Հաճի Մարիամին բակլանե՜րը, հեռո՛ւ ընէ Տէրը։ Բայց նեղը մնալուն, գեղացին ստիպուած կ՚ըլլար ընդունելու անոնց վճիռը, որքան ալ դառն ըլլար ասիկա։

Ելած, նստած էր խաչաձե ւ ուած կրունկներուն վրայ, նշա՛ն՝ խոր ու նոր տեսնելու։ Զննեց, ժպտեցաւ եւ աւելցուց.

-Նայէ՛, հաճի Աննա, նայէ։

Կեցա՛ւ։ Խորունկ էր անոր ուրախութիւնը։ Հարուստին հաճելի ըլլալու այն դժնդակ ճիգը, զոր պարտաւոր էր ընել ներսէն, չխանգարեց սրտագին այս բխումին գեղեցկութիւնը։ Ան կը սիրէր Աղուորը։

-Օրան կ՚իյնայ կոր…

Քաղցր եւ օծուն թոնով այս մեծափառ աւետիսը անկարող եղաւ հաճի Աննան առնելու ետ իր սուզումէն։

-Քեզի եմ։ Օրան կ՚իյնայ կոր։

Կարծես մոռցած ըլլար, տեսած չըլլար գերեզմանը։ Ուլունքը հոն էր միշտ։

-Աչքդ լուս, հաճի Աննա։

-Ի՞նչ կայ։

-Մանչով է։

-Ո՞վ։

-Օրանը։

Կը խօսէին տաք, զերծ մահուան աքցանէն, որ քիչ առաջ անոնց կզակները ըրեր էր այնքան նեղ։ Բայց այս եռանդը ինկաւ արագ։ Հաճի Աննան կարմրած էր մինչեւ քիթին ծայրը։ Ուշադիր՝ սեւեռեց՝ միամիտ պառաւը։ Յետոյ, բարկացոտ՝

-Ան չէ ամա, որո՛ւն համար նետեցիր։

Ինչո՞ւ երկուքն ալ լռելեայն օգնեցին իրարու պատգամը արժեզրկելու։ Սովորութիւն էր բակլաները նետել նպատակի մը համար ` անունի մը պահպանակին յանձնելով ճակատագրին բերելիքը։ Չէին տուած անուն։ Ուրե՞մն։

-Աս չի սեպուիր։

Հաճի Մարիամը անայլայլ բարութեամբ հաւաքեց ճակատագրին այդ բզէզները ու դրաւ թաշկինակին։ Երրորդ անգամ նետելէ առաջ, անիկա կը վարանէր, կարծես փախուստի դուռ մը ձգելու համար խնդրարկուին։ Հաճի Աննան գիտէր ատիկա։ Գուշակին վարանքը անցաւ իրեն ալ։ Կասկած ու վախ շողացին աչքերէն։ Կենա՞լ, գոհանա՞լ սա տարտամով, թէ վերջին պնդերեսութեամբ մը բռնաբարել գաղտնիքին տախտակները։ Հրամայեց սակայն, ընկճուած ու լուրջ.

-Նետէ՛։

Ուլունքը դուրս էր շրջանակէն։ Ան կը խորհրդանշէր գեղէն ելլող, անդարձ մեկնող մեռելը։ Միւսներո՞ւն իմաստները։

Կործանած, սակայն արի՝ ան վճռած էր խառնշտկել ամբողջ ալքերը պատգամին։ Ուզեց մանրամասն վիպում։ Այս պնդերեսութեան մէջ, անիկա թեթեւ մխիթարութիւնն ունէր փախուստին։ Չէ՞ որ անուն չէին տուած կրկին։ Հաճի Մարիամը դուրս էր հաճի Աննային հաշիւներէն։ Ան կը գտնուէր իր արհեստին խորագոյն տենդին մէջ։ Անհուն կեդրոնացում, ս ուզում՝ կեանքի մը ամբողջ բեռները վեր քաշելու համար անդունդէն։ Փոքրացաւ։ Ու անոր քիթը կը դպէր գրեթէ բակլաներուն։ Յետոյ շտկեց ինքզինքը։ Ան կու տար գիծերը մահուան սպասին, չորս քահանայ, մեծ տաղաւարի շուրջառներով։ Պատարագ ու հանդիսաւոր թաղում, թուական կազմելու չափ ընդարձակ սարուածներով։ Անիկա զգալի ըրաւ հսկայ ալիքը մեծ կրակին, դիզուած միջոցի ծովն ի վեր, գիշերը կէսին, երբ հրդեհը կը պայթէր յեղակարծ, ինչպէս թեւ մը լերան, մուխին փորերէն։ Ժամով, աստղերու դ իրքովը եւ պահին շատ վճիտ գիծերովը մասնաւորուած այս քայքայումը, վերջաբանին սա ծիրանի գեղեցկութեամբը հեքիաթի մը պէս խոր ու տպաւորիչ էր պարզաբան վիպողին բերանէն, կամաց, տքուկով ընդմիջուած, բայց տարօրէն ամբողջ։ Օրա՞նը։ Կ՚ազատէր ` չեղած մանկիկին ստուերը յստակ կերպաւորելով։ Ան կախ էր ձեռքէն կնիկի մը, որուն կէս մէջքէն հաճի Մարիամը չըսաւ՝ արգանդէն կը հոսէր վտակը երկգոյն ` ճերմակ ու կարմիր, կաթ ու արիւն կող կողի։

Մտիկ ըրաւ սակայն։ Ինկած իր գոռոզութենէն։ Եղունգներովը բռնեց սրունքին միսերը։ Մրջիւններու բանակ մը, ցաւի բիւրաղի թելեր։ Տա՞ք, պա՞ղ։ Գերեզմանին ասե՜ղը այսքան հեռուներէն։ Բայց ո՜վ սահեցուց իր միտքը իր վրայէն դէպի տղան։ Եղերական հարցում, մա՛նաւանդ պատասխանին առեղծուածովը։ Մայրերը կը սիրեն կեանքը, իրենց զաւակնե՞րը։ Որո՞ւ հարցնել։ Բոլոր անոնք, որ գերեզմանէ մը կը դառնան, թեթեւ են ոտքով։ Իրենց կարգը թիւ մը աւելի ետ նետելու թաքուն հաճո՜յքը։ Բայց մօրմէն դէպի զաւակը՝ ո՜վ պիտի վճռէ ստուգութիւնը թիւերուն։ Հաւաքեց ինքզինքը, եւ իր մատները մեռելի ոսկոր կը շօշափէին։ Պահ մը շարունակ ո ւեցաւ այս ծփանուտ մշուշը, անկեդրոն ու յիմար, մէկ մահէն դէպի միւսը առաձիգ ճամբայ, ուր մխրճուած էր անիկա, մինչեւ որ թաշկինակը վերցաւ, տեղաւորուեցաւ հաճի Մարիամին մէջքը։ Սենեակը օտար, հեռաւոր։ Թաղո՞ւմ, անկէ դա՞րձ։ Յուռութքին անհետացումը, որ այլեւս ազատ իր գաղտնիքին թաթէն, առաջ բերաւ թուլութիւն, անպարտկելի պարապութիւն։ Բան ունէի՞ն հիմա, իրարմէ առնելու եւ տալու սա հակադիր, անհաշտ տարրերը, կարգերը գեղին։ Ամէն մէկը կը դառնար իր իմաստին եւ կ ՚ ըլլար ինքզինքը։ Մէկ կողմը՝ դասակարգը, ա՛ն՝ որ ինքզինքը հիւր ու անկայուն դատեց աշխարհին սեղանին վրայ, նայեցաւ ուտողներուն ու թուք կուլ տուաւ։ Որ գլուխը ծռեց ամենական հովի, վասնզի շատ բարակ էր վիզը եւ երես երկարեց ամէն հարուածի, վասնզի ծեծը ցաւցնելէն առաջ մեզ կը տաքցնէ, մա՛նաւանդ եղին պակասէն։ Որ, նոյնիսկ սողալու գնով, պիտի չխնդայ, թաթերը առանց արիւնելու։ Որ միշտ պիտի տայ ու, չունեցածէն, ամէնէն վերջը միս ու արիւնէն, ու ինքզինքը առնելիքուոր երազէ պիտի Աստուծոյ գանձերէն։ Այս թուումը աւելորդ է։ Աղքատ չեղող մը զայն չի հասկնար։ Միւս կողմը՝ անոնց դասակարգը. տիրական, բազէի բնազդներով։ Աշխարհին վրայ ինքզինքը մշտական կարծող, դասող, հաւտացող։ Որ ուրանայ պիտի ամէն բան իրմէն դու ր ս, ամէնէն առաջ, ամէնէն անլուր անգթութեամբ՝ մահը։ Որ այդ իսկ պատրանքին սիրոյն, այնքան անյողդողդ արիութեամբ պիտի կապուի, շղթայուի արգանդին, աւելի ուշ՝ աղիքներուն։ Որ իր հաշիւներուն, ոխերուն համար խղճահար պիտի չըլլայ փոխ առնելու հարսներու արգանդը եւ օտարներուն սերմը (ամէն կեսուր, ծանրութեան կեդրոն է իր տունին)։ Ու նոյնիսկ ծախելու հոգին, անջնջելի կնիքովը արիւն թափելու։ Դէմ դէմի չեն անշուշտ հաճի Մարիամն ու հաճի Աննան։ Ինչպէ՞ս ըլլային։ Բայց խորհուրդի նշաններ էին։ Ու կը նմանէին հին օրերու այն ուխտաւորներուն, որոնք տարիներով ման կու գան, թշուառութեան մէկ ծովէն միւսին ափերուն։ Կը սուզուին սիրտը յաճախուած քարայրներու եւ ընդերկրեայ աղբիւրներու։ Ու դուրս կու գան, այն ժանգահար ու ծաղկած 7 օդով վիրապներէն, մազերնին ճերմակ, նոյն բորբոսանքէն, ու սիրտերնին գօս, նոյն խորշակումէն։ Փլած, կիս ո ւած, հազիւ կարող ոտք փոխելու՝ անոնք գրեթէ փախան անկիւնէն, ուր դեռ կը թուէր խարուկուիլ ճակատագրին ափսէն՝ մանրադիր, թաշկինակին օղակովը։ Դէպի պա տ ուհա՜ն։ Գաղտնի այս մարզերուն վրայ ամէն գործառնութիւն կ՚ա ն ձուկացնէ հոգին։ Պրկագին նիստէն յետոյ առատ արեւ է հարկաւոր վանելու համար ժանգը ջիղերուն։ Վար նայեցաւ։ Ի՜նչ յիմար, անհասկնալի բան է կեանքը։ Անդին, էշ մը իր կանգունը կը չափէր, անխելք ու անտարբեր, մարդերուն հաշիւներուն, թեթեւ զռինչով մը, որ անոր ռունգերը կը փողրակէր դէպի վեր։ Արեւ։ Չաղտոտելով մեր մեղքին ցեխէն, որ մեր աչքերէն պէտք է հեղուի անոր նեարդներուն։ Կիներ, կեցող, խօսող, ժպտացող։ Կը տքար տուն մը, ծանր թաթին տակը ճակատագրին։ Կը ժպտէր միւսը, անոր համբոյրին երկարած իր արիւնը։ Ու բոլորն ալ նետուած անծանօթին ափերէն, շարժուն ու երկոտանի բակլաներ, որոնք կ՚անգիտէին զիրար, պիտի չհասկնան իրենցմով կերպադրուած հաւասարութիւնները, պիտի անցնին նշանէն (=) աջ ու ձախ, հպատակելով անհաս համարագէտին ու տեսանողի մը թելադրելով մեկին ու անառարկելի, իրենց պատգամը։ Պառաւը չէր կրնար բարձրանալ աւելի ու նոյն այս հաւասարութիւնները գրել տարածութեան տախտակին վրայ, աշխարհները ունենալով այս անգամ իբր թ ո ւանշան, մարդերու փոխան։ Պառաւը նոյնիսկ բաւական թեթեւցած չէր ` թեթեւցնելու համար մարդերը իրենց պարունակութենէն, վերածելու համար զանոնք քալող միսի ու մեղքի կարասի։ Ի՜նչ ահաւոր է մարդը, երբ դիտուի այսպէս։ Չըլլար սեռը, անոնք իրենց ձանձրոյթէն զիրար բզկտէին պիտի։ Պատկերը կարիճի պէս խայթեց հաճի Աննան։ Այն ատեն կարծես հասկցաւ, որ պառաւները կ՚ապրէին, որպէզսի սեռին խուլ քարայրներէն պահէ պահ պատգամներ տային սա անխելք անտառումին, որ կը պիտակէ երիտասարդները եւ հասուն մարդերը եւ ուղղէին սեռին սլաքը, հինցած, փորձ ժամագործներուն նման։ Մարդ պէտք է անցած ըլլայ յիսունէն՝ պատմելու համար իր մանկութիւնը։ Ե՞րբ կը գրուին սեռին յիշատակարանները (ոչ յիշատակները)։ Ի՞նչն է, որ դեռ կանգուն է վաթսունամեայ պառաւի մը մէջ այն խարոյկէն, որ անոր հարսնութիւնը տաղաւարեց բոցէ շապիկի մը պէս։ Թող նային ու գտնեն մեծ աստղաբաշխները։ Ի՞նչ կար վրան հաճի Մարիամին։ Աղքատութի՞ւնը։ Բայց այդ ապրանքը կը զգուշանանք տուն բերելէ։ Անիկա մարմնացեալ յիմարութիւնն էր, ապրելու շնորհէն տարագիր մը։ Որքան ալ օտար Նալպանտենց խորհուրդին։ Ուրիշներ պզտիկ, քիչ տեսնելը արհեստ մըն է, որուն վարպետը չտեսութիւնը չէ յաճախ։ Մենք կ՚արհամարհենք չաշխատողները (հասարակաց կարծիքը մարդուն կշիռ կու տայ ժամացոյցով եւ ոչ թէ աստիճանացոյցով, արժեչափով), այսինքն՝ մեր կողոպտիչ բնազդներուն հակադիր մարմինները, որոնց գանձատունը սարդն ու մուկը կը բնակին։ Գործի մը արժէքը հասակէն չափող ներկայ քաղաքակրթութիւնը դեռ չէ դասաւորած պառաւները, որոնց հասակէն աւելի շ իջած է արգանդը։ Ո՛վ որ չ՚աշխատիր, այսինքն՝ խուլցած է արգանդէն, անիկա հզօրագոյն արարածն է ընկերութեան։ Ինքզինքը պաշտպանելու համար անիկա պիտի զարգացնէ ուրիշներու մօտ տարրական, ճռզած զգայարանքներ։ Ուրիշները քիչ տեսնելը զատ անուն չունի սեռային մարզին վրայ։ Տարի՞քը։ Այսինքն՝ մարմնապէս համակարգ զգայութեանց հաշտութի՛ւն մը՝ մարդէ մարդ։ Գուցէ։ Բայց՝ տարբերութի՛ւնը մանաւանդ։ Ան պիտի մեղմանայ յաճախ, երբ սեռային հոսանուտը միջամտէ եւ իրարու դէմ լարէ մատղաշ, բայց հասուն աղջկան մը մագնիսը եւ եօթանասուննոց ծերուկի մը դեռ կոտոշէն չինկած կիրքը։ Ծիծաղելի՞ անշուշտ, մեզի, դուրսիններուն համար, որ չենք խորհիր ահաւոր ողբերգութեան։ Ու այս պարունակէն դիրքը՝ ինչպէս համբաւը, մո ւ րացկանը՝ ինչպէս հանճարն ու ինքնակալը կ՚արժեն իրար։ Մէկէն զգաց, որ կ՚ատէր, ծեծելու, փետտելու չափ, անխելք գուշակը։ Ու չէր գիտեր, որ ատելութիւնը գռեհիկ նախանձ մըն է, մալուած նախանձ մը։ Սեռի՞ն, ոչ անշուշտ։ Մերկութեան ։ Ի՛նչ ունէր ձգելիք աս աշխարհին վրայ, հաճի Մարիամը, բացի դիակէն։ Քանիերո՜րդ անգամ ըլլալով, անոր մտքին մէջ, հեղ մըն ալ պայծառացաւ, խոշոր ու գեղեցիկ, Նալպանտենց կազմակերպութիւնը։ Իր տո՜ւնը։ Կալուածնե՜րը։ Ոսկինե՜րը։ Հապա՞։ Ու, փռուեցաւ աչքին անմոռանալի պատկերը երեք շաբաթ առաջ, Պէրպէրենց Թորոսին, երիտասարդ ու հարուստ, որ ամաններու մէջ լեցնել տալով ոսկիները, շարել էր տուած մահիճին երկու կողմերը ու հոգին տուած՝ խառնելով դ եղին կարասները։ Պատկերը փոխանակ զգաստ ընելու հաճի Աննան, գրգռեց անոր տժգոյն նախանձը։ Արհամարհանքին տակ չքացուց՝ այս հեղումներէն բոլորովին անզգած կինը, որ հաւանաբար պատենքին կտաւն ալ չունէր սնտուկին խորը։ Մշտեց ցաւցնելու ցանկութեամբ կուշտէն՝

-Կարագ-հաց։

Ու շուտ ազատելու համար նեղող անոր ներկայութենէն, աճապարեց։ Թեթեւ գործ է սեղանը գեղերուն մէջ։ Կը դրուի երկու շարժումով, շատ անգամ, այնպէս, առանց ամանի, ծունկի վրայ։ Ինք մատ չդպցուց։ Հաճի Մարիամը կերաւ քիչ, զարմացաւ շատ, ու բառերով ալ, Աղուորին չերեւալուն։ Օրհնեց բեռներով ու ելաւ դուրս, մտածէն աւելի թեթեւ։ Ան մոռցեր էր իսկ բակլաները, իր բերանը եւ անկէ թափուած աւերածը՝ սա շ ե մէն ներս։

Մինակ։

Հաճի Աննան դարձաւ բակ։ Ի՛նչ չար ու պաղ բան էր աչքին տեսքը իր բակին, ուրկէ՝ անգայտ շոգեւորման մը մէջ, տարիներու հոսումները, մեծ ու պզտիկ ընտելանքները, կ՚եղծուէին իրենց ընթացիկ յարդարանքէն։ Արդէն իսկ շո՞ւնչը, տիրապետո՞ւմը օտարին։ Ըսես մահը մտած ու փչած ըլլար անոր տունը լեցնող բոլոր առարկաներուն։ Ի՜նչ բեկուն էր իր նայուածքը, երբ չափեց հինգ հազարնոց կատոզները, որոնք բակն ի վար առանձին հիւղակներու, այսինքն՝ սանկ ու նանկ աղքատներու տուներուն նման, կը նստէին, հաստախարիսխ ու հպարտ։ Որո՞ւ…։ Զգաց, որ ցաւին կրակը կը թափէր աչքէն։ Անիկա մոռցած ալ էր հարսը, անոր արգանդը։ Տեսա՞ծը։ Իսրայէլն էր, անօթի եւ ոհմակ, որոնք ձագերով ու ծերերով բոլորուած էին սիրական ամաններուն շուրջը, ձեռքերնին մէյ-մէկ սակառ, կրելու պատրաստ։ Հաճի Աննա, մո՛ւրն վրադ։ Որո՜ւ…։ Բայց որո՞ւ է մնացեր, որ իրեն մնայ։ Չըսաւ սակայն սփոփիչ առածը։ Իր ատելութիւնը մտքին մէջ վերածուեցաւ յիմարական պատկերի։ Ինչո՞ւ շինուած չէր կարգը այս աշխարհին այնպէս, որ ամէն ինչ փոխադրել արտօնուած ըլլար մեզի, հոգ չէ թէ դժոխքին ալ մէջը…։ Յետոյ եկան աւելի մարդկային հաստատումներ։ Լքում։ Հարկա՛ւ։ Կապոյտ ուլունքը թրթուրի քիթի մը պէս կը խածնէր տերեւները անոր կիրքերուն, ջրարբի եւ պարարտ ակօսին մէջը բուսած անոր արիւնին։ Շերամը ընտանի որդն է գեղին։ Ու անոր անկուշտ սղոցումը մտքին մէջ տեղաւորուած զգայութիւն է՝ կէս դարէ աւելի կրկնումով մը ամրացած։ Այս այցելութիւնը թէեւ անժամանակ, բայց հասկնալի։ Յետոյ, գերեզմա՜ն։ Խոզա՜կ։ Ճերմակ մա՜հը։ Արքայութի՜ւն։ Բայց դժոխքը։ Ո՞վ ունէր թաղելիք բացի… զաւկէն։ Ո՜վ անհուն ճշմարտութիւնն ու խորութիւնը մեր եսին։ Ինչո՞ւ մահուան հետ մեր սակարկութեան մէջ միջնորդ միայն կ՚ուզենք մնալ։ Ինչո՞ւ կը զիջինք մեզմէ զատ ամէն բան, էրիկ ու կնիկ, զաւակ ու ծնողք։ Ու տարտամին դէմ չենք մտածեր երբեք մեզի, թիզով մը հեռի մեր դագաղէն։

Հարսը մտաւ բակ։ Անոնք իրար չափեցին անհուն ատելութեամբ։ Զաւկի եւ գործի պակասը մարդերը կը նետէ ներքին խորացման ու անոնք կը փորեն իրենք զիրենք իրենց կիրքերուն ասեղովը։ Լուսաւոր՝ ցաթեց գուշակին բանաձեւը, պառաւին աչքին։ Կաթին ու արիւնին վտա՜կը։ Ուրիշ բա՞ն էր արդէն անոր հարսը։ Պղտորեցին զայն խուլ ու խենթ բաներ։ Վերի սնտուկէն թղթի ծրարիկը ջախջախուած ճերմակ թիթեռի մը պէս պարի ելաւ անոր սիրտին քովերուն։ Սարսափեցաւ այս յայտնութենէն։ Ուրեմն։ Յետոյ լրբացաւ ու անցաւ մահէն։ Թող ամէն մարդ դառնար իր չափին։ Առանց զգալու ան գտաւ իր բռունցքները սղմուած։ Ան չէր վախնար երկրէն ու երկինքէն։ Բայց կծկուեցաւ, երբ հարսը անցաւ իր մօտէն, հեռու, դուրս, ամբարիշտ եւ պոռնի՜կ։ Իրարմէ կը փախչէին անոնք։ Մէկը՝ դուրս։ Ո՞ւր։ Հաճի Աննան ուրիշ ատեն՝ սրտադող պիտի հետեւէր հարսին գնացքին ու նպատակին։

Հիմա չուզեց իսկ գիտնալ։ Քաշուեցաւ վեր, ծանր-ծանր, ինչպէս մէկը, որ հսկայ ժայռ մը ստիպուած ըլլար քշելու։ Իր մեղքերուն հարկն էր ատիկա, զոր կը հրէր իր առջեւէն։ Առանձնացաւ իր սենեակը։ Ու գամուած, կախարդուած ըսուելու չափ խոր, աչքերովը սնտուկին, որ ճմռկուած թղթի ծրարիկ մըն էր ատ պահուն եւ ուրիշ ոչինչ՝ ան մտիկ ըրաւ ինքզինքը։ Դուռը բացուեցաւ բակէն։ Կու գա՜ր։ Չխորհեցաւ օտարականի մը, թերեւս անոր համար՝ վասնզի իր հոգիին մէջ ա՛լ չունէր տեղ նորամուտի մը։ Ու չըրաւ հետաքրքրական շարժումը, որ կիները կկոցի պէս պատուհանէ պատուհան կը նետէ իրենց ամէն տարիքին։ Սանդուխներուն վրայ ճանչցաւ սակայն Աղուորին քայլը։ Ո՞ւր։ Իր դուռը՝ գոց՝ կը խնայէր իրենց աչքերուն խաչաձեւումը, որ վտանգաւոր գործողութիւն մըն էր հիմա, ամէն պատահումի սպառելով շատ բան անոր անհրաժեշտ հոգեկան պահեստէն, կորովէն։ Տարաւ ինքզինքը պատուհան։ Ու ծանր էր իր մարմինը իրեն։ Համապատկերը՝ պարզ, լոգցած արեւով՝ հիւսուած լռութեամբ եւ փողփողումով, լիճին ոսկի տախտակներէն, ու ճամբաներուն երազունակ պառկուածքովը։ Ինչպէ՜ս այդ սիրուն, ամէնօրեայ տեսարանը մէկէն վերածուեցաւ ուրիշի…։ Գիտէ՜ր սակայն, որ պատկերին կեդրոնէն խճուղին, տեղին ու իրաւ, առեր-քաշեր էր անոր միտքը տղուն ետեւէն…։ Տաճիկ գիւղաքաղաքն էր, շատ ինքնեկ, անմոռանալի տեքորովը։ Ու տեսաւ իր տղան, որ կը բարձրանար նոյն սանդուխներէն, որոնցմէ իր մարմինը ինչո՞ւ տեսաւ զինքը հոսուն ու աղուոր։ Ինչո՞ւ մեր յիշատակներուն վերաքաղին մէջ մենք կը յամառինք կառչիլ մեր լիութեան նկարին։ Ինչո՞ւ գրողները իրենց ծերութեան նկարները իրենց առանձնասենեակին կը վերապահեն եւ իրենց ուրիշ օրերու լուսանկարները կը յանձնեն հասարակութեան ելեր ու իջեր էր այնքան անգամներ, Նալպանտենց տունին ու տղուն հոգովը։ Ու հովը բացաւ էջերը դժբախտ մատեանին։ Որքան աչք պտըտցուց…։ Բայց իր աչքին լուսցող գիշերն էր, անպատում, դժոխք գիշերը։ Անոնք կցկտուր բառերով ողջունաձեւած էին Սողոմէն ազատելու միջոցները։ Պառաւը, արդար իր ցասումին խթաններէն մոլեգնած՝ զիջումն էր ըրեր իր տղուն ` գործածելու ստորին զէնքը ` թուրքին դիմելու։ Տղուն մէջ ատիկա խառնուածքի հոսում մըն էր։ Մատնութիւնը, ուրիշ ժողովուրդներու մէջ, հաշիւի արդիւնք, մեր մէջ կապուած է առհաւական ախտերու։ Զօրաւոր անհատապաշտութիւնը արդիացած տարազ մըն է ու մուրացածոյ պարտկելու համար վիճակը, որ անզօրին, տկարին պարտադրուած է ազգերու կրկէսին։ Մենք մատնեցինք, որովհետեւ մեզ չէին պաշտպանած մեր աստուածները։ Ու մեր զաւակները մատնեցին, որովհետեւ իրենց հայրերը չէին տառապած հոգեկան անկարան միութեամբ։ Բայց մեր կիները աւելի պինդ եղան, քան մեր այրերը։ Սերոբը դիւրութեամբ պիտի երթար թուրքին, ինչպէս իր նախնիքները բայց բոլորը գացեր էին պարսիկին ու յոյնին, թաթարին ու արաբին։ Մէկը հաճի Աննայի աչքերը քաշեց, բիրտ ու անդիմադրելի, ետեւի սնտուկին։ Ճամբայ եւ սնտո՜ւկ։ Առանձին էր անիկա մկնդեղի դաւադրութեան մէջ, վասնզի չէր խորհած ատո ր ՝ տղուն հետ իր խաչելութեան ժամերուն։ Ժամուն մէջ, աղօթքի ընթացքին, անիկա Աստուծմէն մատ, աչք, լոյս ուզած էր։ Ու լոյսը եկաւ խանութպան Մակարէն։ Ո՞վ կապեց փակ խանութը ու անոր բնակիչ Մակարը, ու անոր վաճառքը՝ մէջտեղը՝ իր աղօթքին։ Աստուա՞ծ։ Չառաջացաւ մինչեւ այդ ստուգութիւնը ամբարիշտ պառաւը։ Բայց կը զգար, թէ մեղքի շաբաթէն ասդին շատ մը բաներ կորսնցուցած էին իրենց պայմանադրական ծանրութիւնը անոր աչքին։ Ատոնցմէ գլխաւորը՝ մեղքին մղձաւանջն էր, որ վերածուեր էր սովորական վիճակի։ Վարժուեցանք պատերազմին ու անոր հինգ տարիներուն։ Հիմա, շարժուն եւ խենթեցած իր սնտուկովը՝ անիկա կը սպասէր վախճանին օրուան, որ նոր կը սկսէր։

 

1 Խոստուկ խոցտուկ խիթ։

2 Պտղիլ ոլոռնաձեւ ըլլալ։

3 Տիւան գետնէն քանի մը թիզ բարձր բազմոց, մահճաձեւ, բայց շատ լայն։

4 Թակ տախտակէ թի, որ կը ծառայէ լուացուած լաթերը ծեծելու։

5 Հոյնել հոսելիով ցորենը զատել յարդէն։ Փոխաբերաբար` խնամքով պրպտել, խուզարկել` առնել-տանելու համար անդին։

6 Թումպ հաւանաբար թումբ։ Բարձրկեկ սար իմաստը ունի։

7 Ծաղկիլ բորբոսիլ։