Գ.
Նալպանտենց
Սերոբը
կանուխ
հասաւ
նաւահանգիստ։
Փոքր
յունական
քաղաք,
վաճառաշահ
ու
հարուստ։
Ճամբորդի
պայուսակը
հոգածութեամբ
կախեց
իր
թեւէն
եւ
մտաւ
դրամատուն։
Լուսդէմին
առաջին
գաղափարն
էր
դրամն
ու
գոհարեղէնները
ապահովել։
Գեղացի
տղոցմէն
ի՞նչ
սպասելի
չէր։
Այն
օրը
բոլոր
կառքերը
գրաւուած
էին
կառավարութենէն,
որ
զինուորական
փոխադրութեան
էր
յատկացուցած
զանոնք։
Կը
պատահէին
նման
դէպքեր։
Ու
ստիպուեցաւ
մնալ։
Օրը
անցուց՝
ծովեզերքը
թափառելով։
Աչքին
ուժը
կոտրած
էր։
Հետեւեալ
առտու
կանուխկեկ
ան
կառք
առաւ
դէպի
գազան։
Մեր
պատմութեան
առաջին
գիրքերուն
մէջ
թուրքը
արտաքին
ազդակ
մըն
է,
շատ
հեղ
հեռու,
անուղղակի,
պետական
զսպանակէ։
Իզնիկի
լիճին
շուրջ
թուրքերը
չեն
ախորժած
կեավուրէն
ու
քշած
զայն
կիրճերուն
եւ
լեռնակողերուն։
Այդ
ճնշումին
գեղացին
ցոյց
է
տուած
կրաւորական
ընդդիմութիւն,
իր
մեծերով,
թուրք
յորջորջմամբ՝
չորպաճիներով,
ու
ինքնամփոփ,
ինքնայարդար
կղզիացումով։
Ճամբաներու
պակասը
գլխաւոր
պահպանակներէն
մէկն
է
այդ
ինքնացումին։
Խճուղին
եւ
Հայկական
Հարցը
մեր
գեղերը
բացին
թուրքերուն։
Գազա՛ն։
Թուրքերով
բնակուած
հողը,
տակաւին
հեռուէն
ճանաչելի
է
քանի
մը
յատկանշական
երանգներով։
Եւրոպացիները
դիտած
են
անշուշտ
մինարէն,
փոքր,
բորոտ,
բայց
ամրապէս
խարսխուած
իր
սիւնէն
դարվար
դէպի
փորը
հողին։
Տեսած
են
գլխէն
զարնուած
գմբէթը
մզկիթին,
ուր
ժանգն
ու
մետաղը,
բորբոսն
ու
ծաղկեւոր
խոտը
կ՚աճին
միասին
կանանչ
ու
կապոյտ,
երիթացած,
բազմակնոց,
թարախագիծ
աչքերու
հիւսք
մը
տուող
պատուհաններով։
Դիտած
են
տակաւին
նոճիները,
շրջապատի
բորին
եւ
լքումին
մէջ
առանձ
ն
ապէս
կենդանի
եւ
նուրբ,
թրքուհիները,
սաւանով
ու
խորհուրդ։
Ու
տակաւին՝
փաթթոց
ու
մոնկոլագիծ
դէմքեր,
եաթաղան
ու
տէրվիշ։
Մայրաքաղաք
կամ
գաւառի
կեդրոն
քաղաք,
հոգ
չէ,
անոնք
ծանօթ
են
նեղկուկ
փողոցներուն,
ուր
տուները,
քիթ
քիթի,
բայց
քարացած
ու
կուղպ՝
մեռելական
բան
մը
կը
քարեն,
կը
բեմադրեն,
սիրտ
սեղմող
ու
թուրք։
Բայց
չեն
ճանչնար
ներքին,
խուլ
քաղաքիկը,
որ
Խաթթը
հիւմայունէն
առաջ
անկշիռ
գիւղակ
մը,
30-40
տարուան
մէջ
ճարած
է
եւրոպական
քանթոնի
մը
արտաքին
նկարագիրը։
Անո՞ւն։
Բայց
ի՛նչ
հարկ։
Անոնք
մնայուն
ալ
չեն,
Թուրքիոյ
մէջ,
նման
ամէն
բանի։
Անոնք,
այսինքն՝
պիտակները,
պիտի
ճարուին,
երբ
բախտը
պսակէ
ջանքը
զիրենք
յղացողներուն։
Նոր
քաղաքականութեան
մէջ,
ձեռնարկը,
տնտեսական,
զինուորական,
ազգային՝
կը
հետապնդէ
քրիստոնեայ
խմբաւորումները։
Տասը
տարի
առաջ
անկշիռ,
խուսափուած
ագարակ,
վասնզի
մահացու
տենդերով
աւերուած,
ինչպէս
դիտելի
է
պարագան
ծովաբազուկներու
խորշերուն
մէջ
կծկտած
պարարտ
հարթութիւններուն
համար,
այսօր
շնչելի,
քանի
մը
ճահիճներու
ինքնակամ
չորացումով
–
ջուրերը
քմահաճ
են
–
վաղը,
փաշայի
մը
աճպարարութեամբը
անհունօրէն
ընդարձակուած,
թափուով,
քարտէսով,
ու
երկաթաձող
սահմանանիշներով
ապահովուած,
այդ
խեղճ
ագարակը
վստահ
կրնանք
ըլլալ,
կանչուած
է
գազա
ըլլալու,
հերիք
է,
որ
իյնայ
ճամբու
կեդրոնին
հայ
գեղերու
հաղորդակցութեան,
կամ
լեռներու
սիրտին
ուրիշ
հայ
գեղեր
ակօս
ու
հերկ
դպցնեն
մօտերը
ու
լեռը
բանան
արօրին
քիթին։
Մնացեալը
թուրքին
գիտնալիքն
է։
Ձեզի
պատահա՞ծ
է,
ձիով
կամ
ոտքով,
քալել
ժամեր
շարունակ,
հողի
նոյնադիր
ու
նոյնակերտ
շերտերու
մէջէն,
անգո՛յն՝
աւազէ
յատակով,
կամ
սեւ,
կռնծած
գուղձերով,
փոսոտ
ու,
եղանակին
համեմատ՝
ցեխ
կամ
մաղմաղ
փոշի
ճամբու
մը
քմայքին,
որ
կայ
ու
չկայ,
ճիշդ
հեքիաթին
ըսածին
պէս,
երբեմն
թիզ
մը
կռնակի
վերածուած,
բռնագրաւող
թուրքի
մը
ցանկապատէն
կրծուելով,
երբեմն
տարտղնուելով
արտավարներու
վրայ,
ճահիճի
մը
իբր
յատակ
ծառայելու
տարիին
երեք
չորրորդը։
Որ
ձեր
նայուածքին
հանէ
տարօրէն
իրերատիպ
նոյն
կաչուլ
ծառերը,
խեղճ,
խեղճ
ու
ոստահար,
ուղտերու
երկարահաս
ակռաներէն
այդպէս
կատուած,
գիշատուած։
Ուր՝
աղբիւր
մը,
ջրհոր
մը,
երբեմն
դարպանտ
մը,
երբեմն
տուն
մը,
առանձին
կամ
երկու-երեք,
պոչ
պոչի,
անխնամ
ու
անոճ
ընդհատներով
կէտկիտում
մը
բերին
անսպառ
ձանձրոյթին,
որ
կը
բխի,
կ՚աստղանայ
կարծես
լիճին
շրթունքներէն
քամուելով-քամուելով,
երբ
ասիկա
եղանակին
համեմատ
իր
ջուրերը
կը
քաշէ
կամ
կը
ծանծաղէ,
բայց
իր
ընկրկումին
`
լորձնումին
կնիքը
անջինջ
զարնելով
իր
ափերուն։
Կը
քալես,
պրկուած,
խիստ
ու
այս
գնացքը
աւազի
պէս
անյարիր
կ՚ընէ
քեզ,
յոգնութենէն
տարբեր
բան
մը
կործելով
հոգիիդ,
–
այն
յուսահատական,
անվախճան
փոքրութիւնը,
որ
աւազինն
է,
փոշիացումին
անդրադարձը
մեծղի
պատկերներէն։
Կը
քալես
ու
նոյն
տեղն
ըլլալու
տիրական
մղձաւանջը
կ՚աւելնայ
ճամբուն
տաժանքին։
Ու
ահա
տուն
մը,
բայց
ժամեր
ետքը։
Սանկ
քիչ
մը
կոշտ,
մեծ,
ցած։
Պատուհանները՝
ցանցահիւս,
ճաղերով
տաճկըցած։
Բակ՝
ուզածիդ
չափ,
նոյնիսկ
աւելի,
վասնզի
ցանկապատը
կը
խուսափի
աչքիդ
հասողութենէն
`
ցիցերուն
գագաթին
հրէշային
գանկերուն
ճերմակ
սարսափովը
միայն
զգալի
դառնալով։
Փուռ,
ու
կուշտին՝
մացառումը
փուշին
ու
խռիւին,
այնքան
խոցող,
խածնող
աչքն
ու
հոգին,
որ
չես
կրնար
նայիլ։
Անտառին,
լերան,
ժանիքին
այս
ներկայութիւնը
խաղաղութեան
սա
շրջափակին
առջեւ,
որ
տունն
է,
կը
վիրաւորէ։
Ախոռ։
Կուշտին՝
գագաթէն
բեկուած
բուրգերը
աղբին,
որոնց
շրջուած
կատարէն
աքաղաղը
կ՚ողջունէ
անցորդները,
մեծ
անխտրութեամբ
`
պէյն
ու
գնչուն
արժանի
նկատելով
նոյն
ծափահարութեան։
Որոնց
փէշերուն՝
բանակ
մը
ճուտիկ,
կաթիլ-կաթիլ,
կտցունք-կտցունք
ծեծելով
աղտն
ու
արեւը։
Շէնքի
ուրիշ
կտորներ,
կոկիկ,
կիրով,
ծեփուած,
չորնալու
տրուող
հսկայ
աղիւսներուն
նման։
Ծառեր,
նոր
ու
հին,
որոնք
տունին
ճաղերուն
նպաստ
կը
բերեն
իրենց
առատ
ոստերով։
Բանջարանոց,
պարտէզ,
այսինքն՝
մրգաստան,
ջրհորի
մը
մերկ
թեւը,
երկա՛թ՝
կապոյտը
դանկըտող։
Կառքեր
ու
հողագործի
բազմազան
կազմածներ։
Դուռին՝
որ
ճաղ
է
դարձեալ,
կողերը
շատ
նօսր,
բայց
քանի
մը
մարդու
հասակով
եւ
որ
ցանկապատը
կը
պատռէ
լայն
փեռեկումով,
մշտակայ
շուն
մը,
որ
կը
հաջէ,
աղմկոտ
ու
գազան,
վիզին՝
սրափուշ
երկաթէ
մանեակ,
կը
քալես։
Ու
ահա,
բաւական
հեռուն,
ուրիշ
տուն
մը,
յուսահատեցնող
նոյնութեամբ։
Կը
քալես։
Ուրիշներ։
Գի՞ւղ։
Բայց
ո՞ւր՝
Արեւելքի
շատ
ընտանի
այն
թշուառ
ցեխակոյտը,
որ
խոշոր
հացերու
նման
հիւղակները
կը
տնկէ
իրենց
յատակէն
ու
կը
դնէ
եփելու
արեւին.
ո՞ւր՝
ցածուկ,
կղմինտրին
սեւ
ու
բորակահար
ատամներուն
տակ
կքած,
փախած,
գոգացած
տանիքները,
որոնք
անընդմէջ
կ՚երկարին,
խղճալի,
քոսոտ
պատերու
կռնակէն։
Ասիկա
նորակերտ
գազան
է
թուրքերուն։
Քանի
մը
տասնեակ
տարի
առաջ
վատ,
ապառողջ
ագարակ՝
անիկա
պետական
իմաստի
է
բարձրացած
քաղաքական
խորունկ
հաշիւներուն
կրկէսէն։
Ոչ
մէկ
հանք,
ոչ
իսկ
զինուորական
երկաթուղի,
ապագայ
թելադրող
ճարտարարուեստի
հեռանկար
չեն
ազդակները
այս
ստեղծումին,
ինչպէս
է
ատիկա
քաղաքակիրթ
այլ
պետութեանց
մէջ։
Նալպանտենց
Սերոբը
քալեց։
Լուռ,
գրեթէ
մեռած
փողոցներուն
մէջ,
ցանցառ
ձեւեր,
սաւանուած
ու
առանց
դէմքի։
Թուրք
կիները
իրենց
ծածկոյթը
կը
կրէին
պիրկ
հեշտութեամբ
մը,
երբ
իյնային
փողոց,
յիսունէն
ետքը։
Անոնք
կը
սահէին
հողին
վրայէն
դ
եղին
փապուճներով,
քիթէն
սուր
ու
կորած
դէպի
ներս։
Գազային
կեդրոնական
փողոցն
էր
ասիկա։
Առանց
սալարկի։
Դուռներուն
սեմին
մարդահասակ
երկարած
մարմարներ
ով
գիտէ
ո՛ր
փլատակէն
կորզուած
հայ
բանտարկեալներու
եղունգներովը,
այնքան
առատ՝
Նիկիոյ
լիճին
ամբողջ
ափերովը։
Քառորդ
դար
առաջ
պոլսական
փաշայի
մռայլ
ու
վատահամբաւ
ագարակ
–
անոր
տէրը
ձմեռները
50էն
հարիւր
պոռնիկներ
կը
թափէր
հոն
–
ճահիճներու
ընդարձակ
օղակներով,
բայց
ջրարբի
հողին
ու,
մա՛նաւանդ՝
քաղաքական
տեսա
բ
աններու
նիւթ
ընծայող
իր
դիրքին
համար,
որ
հիւսիսէն
ու
հարաւէն
լիճը
եզերող
հայ
գիւղերու
տողաշարին
ճիշդ
կեդրոնը
կը
բռնէր,
հայկական
խլրտումներուն
հետ
կրկնապատկած
էր
իր
իմաստը։
Ով
գիտէ
ի՜նչ
խռովիչ,
խորաթափանց
տեղեկագիրներով,
անոր
սեփականատէր
աստիճանաւորը
համոզած
էր
իշխանաւորները,
փոխանցելու
համար
այդ
անհասոյթ
տնտեսութիւնը
պետական
գանձին,
որուն
հզօր
մղումովը
քիչ
ատենէն
պիտի
յառնէր
նոր
քաղաքը,
պետական-վարչական
իր
ամբողջ
կազմածովը։
Զոհուեցաւ
հին
ու
պատմական
մայրաքաղաք
մը,
իրաւ
է,
թէ
այսօր
աւեր,
Նիկիան,
թուրքերուն
Իզնիկը,
որ
քիչ
մը
շատ
հեռու
կ՚իյնար
հայկական
աքցանին
լծակէն
։
Այսպէս
կը
սիրէին
տրամաբանել
թուրքերը,
Հայաստանէն
այսքան
հեռու,
Պոլսոյ
քիթին
տակ,
ռուսին
եւ
քուրդին
մեքենայութիւնները
ամչնալով
աւելցնել
իրենց
տեղեկագիրներուն։
Միշտ
այս
իմաստութեամբ,
պետութեան
հաշուոյն
փաշան
տուն,
կենդանի,
կթան
ու
հող,
բոլորն
ալ
ձրի
բաշխած
էր
անոնց,
որոնք
կը
յօժարէին
աշխատիլ
անսահման,
դարերէ
ի
վեր
հանգչած,
պարարտացած
անոր
արտերուն
վրայ։
Երկու
զանգուածային
գաղթականութիւն
–
Ռուսիայէն
եւ
Պալքաններէն
–
հալած
էին
առաջին
աշխատանքներուն
մէջ։
Հակառակ
այս
վրիպանքին՝
կեավուրները
չգտան
քաջալեր։
Փաշային
ուշադրութիւնը
տարածուեցաւ
շրջանի
տականքին,
–
մարդեր
ասոնք,
որոնք
քանի
մը
հեղ
բանտ
ինկած,
իրենց
պապերուն
կալուածները
բոզերուն
ծոցը
շոգիացուցած,
ախտաւոր՝
բայց
երկրին
վարժ,
քիչ
քրտինքով
շատ
դրամ
շահելու
հեռանկարը
սիրտերնին,
ա՛լ
գործելու
անկարող
քանի
մը
պոռնիկ
կապած
իրենց
փէշին,
կու
գային
իրենց
գլուխներուն
համար
պատրաստ
յարկ
մը
առնելու,
պառկելու
ցերեկները,
աշխատանքը
ձգած
կիներուն,
գիշերները
հայ
գիւղերուն
շուրջը
գողութեան
ձեռնարկելով։
Ամէն
պաշտպանութեան
արժանի
կը
նկատուէին
փաթթոցաւոր
մուրացկանները,
այդ
քռթած,
կանանչ,
սեւի
եւ
ճերմակի
խառնուրդ
թշուառական
արարածները,
մեծ
մասը
գօշ,
որձեւէգ,
իգացած
կամ
յիմար,
իրենց
գլխուն
դարձուցած
կանանչ
կամ
պիսակաւոր
քանի
մը
կանգուն
լաթը,
որ
պոռնիկի
մը
զգեստ
էր
եղած
այդ
գլուխները
հանգչելու
չելած,
եւ
որոնք
անհնարին
թշուառութեան
մը
մէջ,
բերքի
ամիսներուն
յանկարծակի
կը
բուսնին
եւ
գեղէ
գեղ
մուրալով
ու
երգելով
արաբական
անհասկնալի
տաղեր,
ոջիլին
ու
աղտին
մէջ
զազրելի՝
Նահատակ
իրենց
պատանութիւնը
կը
ծախեն
ամէն
վաստակի։
Ու
կը
փնտռ
ո
ւէին
յա
ն
ցաւորները,
բանտի
կամ
ծառայութեան
մէջ
փախստական
ու,
մա՛նաւանդ՝
անոնք,
որոնք
կեավուրներուն
հետ
բախում
էին
ունեցած,
կողոպտած,
անպատուած,
վիրաւորած
ու
սպաննած
ալ,
բայց
բանտ
իյնալու
յիմարութեան
ենթարկուած։
Փաշան
միշտ
պատրաստ
ֆերմաններ
ունէր
դարակին,
անոնց
պատիժները
մեղմող
ու
քաւող։
Ան,
կուսակալութեան
զինուորական
հրամանատարին
հետ
համախորհուրդ,
հոն
հաստատեց
ձմերոցը
ամբողջ
վաշտի
մը։
Զինուորները
գործածուեցան
ճահիճներուն
չորացման,
գիշերները
ծոցերնին
ունենալով
Պրուսայէն
բանակ
մը
պոռնիկ։
Սպաներուն
համար
կառուցուած
բնակարանները
«ծախուեցան»,
դուք
չէք
կասկածիր՝
ի՜նչ
ճարտարութեամբ,
թուղթի
վրայ՝
ինչ
բարձր
գիներով,
իրականին
մէջ
առանց
բնիոնի
մը
բեռին,
նորակերտ
գազային։
Ու
մահահռչակ
ու
դառն
ագարակը,
որուն
բոլոր
ջրհորները
որդերով
կը
զեռային
ամառները,
քիչ-քիչ
մաքր
ո
ւեցաւ
մժեղէն,
ունեցաւ
տանելի
ա
շ
ուն
ու
պալատ։
Բայց,
ագարակի
եւ
գիւղի
խառնուրդ,
չորս
հարիւրը
չանցնող
իր
դուռներով
–
հայ
գեղերը
ենթարկուած
անոր
վարչութեան
կը
համրէին
մինչեւ
հազար
հինգ
հարիւր
տուն,
առանձին-առանձին
–
արդիական
տարազով
իր
գայմագամովը
հպարտ,
այդ
աւանը
չէր
թօթափած
իր
շ
ինական
կաղապարը։
Գիւղին
բուն
մարմինը
դեռ
կը
պահէր
հին
շրջանէն
իր
կնիքը։
Արտեր,
կալեր,
պարտէզներ՝
կտրուած,
բայց
թուրք,
այսինքն՝
քմահաճ
ու
անօրէն
կանգունով։
Անոնց
քմահաճ
մէկ
կէտին,
անկիւն
կամ
կեդրոն
–
թուրքը
աչք
չունի
գիծերու
վրայ.
իր
յաւելումները
իր
տիրած
քաղաքներուն
վրայ
կը
պատմեն
ահաւոր
կծծութիւն
մը
ջանքի,
որ
հասաբեր
չէ
անմիջապէս.
անիկա
արհամարհած
է
իր
բնակարանը,
ինչպէս
իր
կինը
ու
զօրանոցի,
վրանի
ճարտարապետութեամբ
մը
խառն
ի
խուռն
դիզած
տուները,
փողոցները։
Իր
Պոլիսը,
հակառակ
նորութեան,
կենդանի
վկան
է
այդ
ճաշակին
–
ցանցառ
բնակարաններ,
առանց
յատակագծի,
առանց
բաշխումի,
ընդարձակ,
շատ
ընդարձակ
բակերով,
որոնք
տեղեկագիրներու
վրայ
այնքան
անհրաժեշտ
կը
նկատուին
մշակին,
անոր
բազմազան
զբաղումներուն
յատակ
ընծայելու
համար
եւ
ձրի
հողերու
վրայ
շռայլ,
անխելք
օրեր
կը
պատմեն
տեսնել
կրցողին։
Ասոնք
կը
պատկանին
աւատաւոր
աղաներու,
կէս
կտոր
պէյերու,
հանգստեան
կոչուած
պաշտօնեաներու,
որոնք
անգամ
մը
գազան
հաստատուելէ
յետոյ,
ապահով
են
սանկով
ու
նանկով
մարդ
ճարելու,
ամէնէն
քիչը՝
հայ
բանտարկեալներ
եւ
պետութեան
օրհացովը
չարաչար
աշխատցնելու
իրենց
տնտեսութեան։
Եւ
ուրիշ
տուներ,
միշտ
փակ,
ճամբու
եզրին
կամ
պորտին
կծկտած,
ծեծ
ո
ւած։
Տգեղ
եւ
հիւղանման
այդ
շէնքերէն,
անպատճառ
ճաղապատ
պատուհաններ,
մռայլ,
դաժան,
աչքը
երկաթ
թելով
մը
վանդակող։
Ուտելիք
հացէն
կը
զրկէ
թուրքը՝
իր
բնակարանը
լոյսէն
զգուշացնելու
համար։
Արե
՛
ւ,
առա՜տ,
անգիծ
ու
խոռոչուն
փողոցին
մէջ։
«Մարդ
չի
տեսներ,
երբ
կը
նայի
ներսին»։
Բաժին
կայ
ճշմարտութեան
այս
հաստատումին
մէջ։
Աւելի
յստակ
պիտի
ըլլար
ըսել.
«Մարդ
չտեսնելով
կը
տեսնէ
այն
բաները,
որոնք
անգամ
մը
գծագրուած
են
անոր
ուղեղին»։
Նալպանտենց
Սերոբը
վարժուած
էր
այս
պատկերներուն,
որոնք
դպան
ու
անցան
իր
աչքերուն
`
թեթեւ
մը
յուզելով
իր
տառապակոծ
հոգին։
Ան
ճիշդ
չէր
գիտեր,
թէ
ինչու
խռովքը
հզօր
եղաւ
հետզհետէ,
երբ
մօտեցաւ
հրապարակին։
Մատնութեան
մը
ներքին
խարանը։
Բայց
նոր
չէր
ատիկա
իրեն
համար։
Վրէժխնդրութիւնը,
մենէ
դուրս
գործող,
ոչինչ
կը
փոխէ
մեր
դժբախտութենէն։
Ան
շտկուեցաւ
դէպի
կեդրոն,
մզկիթին
եւ
կառավարական
պալատին
հրապարակը։
Նոր
կառուցուած
գիւղերուն
մէջ
թրքական
քաղաքակրթութիւնը
կը
բաւարարուի
այդ
բաց
գետիններով,
որոնք
կը
ձգուին
ազատ,
հանրային
նպատակներու։
Գաղթականներ,
Կովկասէն,
ճաշակը
բերած
են
այդ
բացավայրերուն,
որոնք
ռուս
տիրապետութեան
պարտադիր
բարիքները
եղան
Կովկասի
գեղերուն։
Աղբիւրը
կամ
ջրհորը,
սօսիներու
բազմադարեան
թեւին
տակ
կը
կազմեն
նկարչագեղ
ներքնամասը
գեղին,
որ
քովնտի
կը
փախչի
ու
կը
շուլլուի
զառիթափերը
կամ
կը
մխրճուի
տափերուն
դէպի
ալքերը։
Դաշտանկարին
իբր
խորք՝
պալատը,
մանրանկար,
խեղճ,
օտար։
Անտէ՛ր՝
ամէն
շինուածքի
նման,
ուր
կնոջ
եւ
ընտանի
կենդանիի
շունչը
չէ
պաղած
`
տալու
համար
պատերուն
ու
գետինին
սանկ
համ
մը,
մարդկային
ջերմութիւն
եւ
գորով։
Ո՞ւր
է,
որ
կը
զատուի
տունի
մը
հոգին՝
պանդոկին
վանող
օտարութենէն։
Քիչ
մը
բացօք՝
դպրոցն
ու
մզկիթը։
Սրճարաններ։
Աւելի
ետ՝
աչքէ
խուսած
լքումի
մը
մէջ,
ճամբորդներու
սահմանուած
համայնական
սենեակը
–
թուրքերուն
ամէնէն
սիրուն
ընդօրինակութիւնը,
Արեւելքի
բարքերէն
–,
իրենց
բարբառովը՝
օտան,
որ
թշուառական
գեղերու
մէջ
փախուստ
էր
տուած
եւ
գազաներուն
մէջ
վերածուած
աղտի
եւ
մլու
կ
ի
մէջ
խղդուած
պանդոկի։
Գազային
միակ
խանութը,
այդ
ատեն,
դարբնոց
մը,
բացառաբար
հայ։
Նոր
իր
բախտին
հետ
ագարակը
արժանաւոր
համբաւի
տարած
էր
նաեւ
հսկայ
ջուր
մը,
որ
առաջ
կը
հոսէր,
անիմաստ,
դէպի
ճահիճ։
Փաշան,
միշտ
պետական
գանձէն,
մէկի
տեղ
տասը
հաշ
ո
ւելով,
ջուրը
առած
էր
քառսուն
աչք
փողրակներու
տպաւորիչ
հոսումին։
Պատը՝
որուն
երեսին
հաստատուած
էր
ջուրին
ուրդը,
հնօրեայ
մարմարներու
հանգոյց
մըն
էր,
որուն
վրայէն
չէին
յօժարած
յունական
կամ
լատինական
տառերը
ջնջելու։
Օրուան
ո՛ր
ժամուն
ալ
անցնէիր,
առջեւէն,
հանդիպէիր
պիտի
ծերունիներու
`
մերկացուցած
իրենց
ազազուն
ոտքերը,
փաթթոցով
գոգաւոր
իրենց
ֆէսերը
զետեղած
իւրաքանչիւր
փողրակի
վերեւ,
յատկապէս
փորուած
ծակերու
խորը,
եւ
զբաղած
սրբազան
լուացումով։
Կեավուրները
լաւ
կը
ճանչնային
երկիւղած,
թթու
այն
բխումը,
որ
հաւատացեալներուն
դէմքէն
իբր
թոյն
կը
կաթկթի,
թուրք
ա՛յն
հովը,
որով
կը
խորշոմի
անոնց
երեսին
կաշին
անհաւատի
մը
հոտէն։
Լուաց
ու
ողները,
հեզահոգի
եւ
քաղցր
գոմէշին
ու
նոյնիսկ
ջորիին
հետ,
չէին
նեղուեր
կ
ե
նդանիներէն,
երբ
ասոնք
ամառուան
շողուն
(շոգ)
ցռուկ
տանէին
փողրակին
պաղուկ
բերանին,
բայց
կը
հալածէին
անոնց
կեավուր
տէրերը
`
ստիպելով,
որ
չորնան,
ծարաւէն,
երկարելով
իրենց
լուացումը,
տեղերնին
տալու
համար
ուրիշի
մը։
Թուրքին
ապտէ՜սթ
ը։
Հարիւր
տարի
ետքը
մարդիկ
սպառած
պիտի
չըլլան
իրենց
արմանքը
ժողովուրդի
մը
մասին,
որ
առհասարակ,
կակուղ
Աստուծոյ
ստեղծած
մեծ
ու
պզտիկ
արարածներուն
հանդէպ,
ոջիլն
անգամ
արժանի
նկատած
կեանքի,
առնուազն
ուտուելու,
այնքան
անպարփակ
ատելութիւն
ճարէ
իր
մէջէն
կեավուրին
եւ
խոզին
հանդէպ։
Սերոբը
զգուշութեամբ
անցաւ
հրապարակէն։
Սովորութիւն
ունէր,
աչքերը
աղբիւրէն
զատելուն
պէս,
յառել
մինարէին,
որուն
շէրիֆէ
էն
կանանչ
փաթթոցով
մարդուկը
հեքիաթի
մը
ճինին
պէս
կը
տպաւորէր
զինքը։
Յետոյ,
նոյն
աչքը,
աւելի
վախկոտ
ուղղուէր
պիտի
մզկիթին
մշտապէս
բաց
դուռին,
զոր
կաշեգործ
հաստ
վարագոյր
մը
փակ
կը
բռնէր
ամառ
թէ
ձմեռ։
Աղօթքը,
իր
երկրորդամաս
զբաղանքներովը
թուրք
գեղերուն
հանրագիր
երեսն
է։
Ճամիին
բակը՝
խորհրդարանը։
Երբ
արտը
չեն,
անոնք
պիտի
ըլլան
նամազի,
ուրկէ
զիրենք
մահացու
հիւանդութիւն
մը
միայն
կրնա
յ
արգիլել։
Ճամբորդութիւն,
աշխատանք՝
պատճառներ
չեն։
Ամէն
արտ
գացող
գեղացի,
իր
եզները
խթանող
նիզակին
շնորհիւ՝
կը
չափէ
արեւը
եւ
աղօթքի
կը
նստի
մզկիթի
մը
մէջ
ծնրադրողի
երկիւղածութեամբ։
Պէտք
էր
զգոյշ,
կամաց
կոխելով
անցնիլ
սրբատան
առջեւէն։
Աղօթքին
մէջ
խանգարում
մը,
դեռ
իմ
օրերուս,
բաւական
փաստ
էր,
որպէսզի
հաւատացեալը
խոր
վրդովումով
նետուի
դուրս,
բռնէ
անհաւատին
օձիքէն,
հոգ
չէ
թէ
իրմէն
տասն
անգամ
զօրաւոր,
քանի
մը
չոր
ու
շառաչուն
ապտակ,
երկու-երեք
բեռ
ալ
հայհոյութիւն
թափէ
կեավուրին
տուն
ու
տեղին,
կնիկին
ու
տղուն,
գիրքին
ու
կրօնքին։
Իմ
օրերուս
ոստիկանը
չէր
միջամտեր,
ինչպէս
դատարանը
չէր
լսեր
արիւնաթաթախ
ինկող
մարդոց
աղաղակը։
Ով
գիտէ
ի՜նչ
աւելի
խուժդուժ
բարքերու
հետքեր
կան
ծուարած
խորը
այս
սովորութեանց։
Թուրքերը
հիմա
իրենց
անցեալին
լայնութեան,
երանութեան
հեքիաթը
կը
սիրեն
պատմել,
քրիստոնեաներուն
հարստութիւնը
`
բարգաւաճումը
բացատրելու
համար։
Թող
հաճին
անգամ
մը
ճիշդ
նայիլ
ամէնէն
քիչ
հարիւր
տարի
մը
առաջ։
Անոնց
գտնելիքը
ուրիշ
պատկեր
է
այդ
մռայլ
դարերէն,
երբ
կեավուրին
կեանքը
կեավուրին
ձգուած
շնորհ
մըն
էր
տիրողին
աչքին,
զոր
կրնար
ետ
առնել
ուզած
րոպէին։
Մտաւ
անիկա
գեղացիներուն
սրճարանը։
Քաջածանօ՛թ՝
անոր
իր
տամայի
տախտակէն
մինչեւ
պատի
կոշտ
պատկերը,
գծագր
ո
ւած՝
սեւ
իւղով
մը,
–
հաւանաբար
խառնուած
ածուխի
փոշիին։
Անուն
ալ
ունէր
այլանդակ
պատկերը,
Լէյլայի
եւ
Մէճնունի
ընտանի
գիրկընդխառնումը,
անկարելի
տգեղութեամբ
մարմիններու
վրայ։
Ո՞վ
էր
գծած
այս
ծաղրանկարը։
Հեքիաթը
կը
պատմ
ո
ւէր
յաճախակի,
սազով
ու
երբեմն
ալ
պոռնիկներու
խաղարկութեամբ։
Ապսպրեց
սուրճը,
պաշտօնական,
պարտաւորիչ։
Հոս,
աղտ,
լքում՝
առարկաներու,
իրենց
անգամ
մը
գրաւած
անկիւններուն,
տրտմութի
՛
ւն,
որ
լոյսին
պակասովը
կը
բացատր
ո
ւի,
ծուխի
ծթռանք,
տախտակին
եւ
ծեփին
մէջ
համաձուլուած
հաշիշի
հեւք
եւ
քրտինք,
–
բոլո՛րը՝
այն
խոնաւ,
կպչուն,
ծանր
ու
խղդող
շոգին
մէջ
համադրուած,
որ
կը
ճապղի
սրճարանին
պատերուն
եւ
զոր
չեն
կրնար
վանել,
անհետել
խիստ
բերանները
խոշոր
հովերուն։
Աւելի՝
անիրաւմամբ,
զրկանքով,
ծեծով
ու
արիւնով
շաղուըւած
ու
բորբոսաւոր
ճնշումը,
տաժանքը,
սղոցումը,
նուա
ղ
ում
բերող
անձուկը,
որով
մեր
մտքին
մէջ
կ՚ամրանան,
կը
քարանան
կարգ
մը
տեղեր,
իբր
նկարագիր
ու
անյատակ
թախիծ։
Աւելի՝
այն
մասնաւոր,
քեզմով
միայն
պայմանաւոր
դառնութիւնը,
նուաստութեան,
կործանման
անմեռ
զգայնութիւնները,
որոնք
պիտի
յառնեն
ամէն
անգամ,
որ
անցնիս
զանոնք
տեսարանող
վայրերէն։
Աւելի՝
իբր
հայ
կուլ
տալու
դատապարտուած
անանուն
այն
կորանքը,
որ
քեզ
կը
զղջացնէ
ծնած
ըլլալդ
անգամ։
Ո՞վ
է
հայ
եղած
եւ
չունի
անոնցմէ
իր
երակներուն
խորը,
պապերէ
անցած
կամ
անձնական
փորձառութեամբ։
Թուրքը
մեզ
սպաննելէ
առաջ,
սպաննած
էր
մեր
հոգին։
Նալպանտենց
Սերոբը,
հակառակ
իր
ծախուած
հոգիին,
քանի՜-քանի՜
անգամ
ամօթն
ու
դառնութիւնը
կուլ
տալով
հանդիսատես
է
եղած
այդ
սաքուներուն
վրայ
թափուած,
գործադրուած
անհուն
զրկանքին
ու
անգթութեան։
Ու
դեռ
«ծայրն
էր
ծրարոց»։
Այսինքն՝
«յեղափոխական»,
քոմիթաճի
պիտակուած
սարսափին
դէմ
յետսամուտ
կազմակերպութիւնը
նոր
կը
ծրագրուէր,
ա՛յն՝
որ
հետզհետէ
բնաջնջման
հսկայ
ծրագիր
մը
դառնար
պիտի
եւ
իր
պսակումը
պիտի
ողջունէր
915ին։
Այդ
օ
րերուն
թուրքերը
գոհ
էին
կթելով։
Հայ
գեղերը
կրած
էին
ազդեցութիւնը
Մեծ
կոտորածներուն։
Դանակի
ասպետները
իրենց
«վերարկուն»
քաշելու
պարտաւոր
իրենց
«ուսեր»ուն։
Պզտիկ
ցոյց
մը
թուրքին
դէմ՝
շարժման
կը
հանէր
պետական
մեքենան։
Ու
բռնապետութիւնը
կը
ծանրանար
ներսէն
ու
դուրսէն։
Օտար
լուծին
քամակ
ծռելու
հարկադրուած
մեր
գիւղերը
–
ի՜նչ
սուտ
բան
է
կեանքը
մեր
ժողովուրդին
ոտքին։
Իր
հարստութիւններն
անգամ
քանի
մը
դար
կը
տեւ
ե
ն
–
մոռցած
իրենց
տասը
տարի
առաջուան
փառքերը,
իրենց
ցեղին
ենթարկուած
նուաստացման
հակահարուածը
իբրեւ,
երեւան
կը
բերէին
դարաւոր,
պապենական
տխրութիւններ։
Անոնք,
հլու
թուրքին,
անհուն
ընդվզում
էին
իրարու
դէմ։
Գզուըտուքը,
անպակա՛ս,
հողերուն
գրաւումովը,
քիչնալովը,
բայց
իրարու
մէջ։
Անօթութիւնը՝
շօշափելի,
կրունկիդ
վրայ,
որ
մարդերը
կը
մղէ
հերոսութեան
կամ
գողութեան։
Ու
կարաւան-կարաւան
շրջանի
գեղերը
կը
թափէին
գազան,
իրարմով
բզկտումը
կեդրոնացնելու
թուրքերու
ճիրանին։
Ու
թշուառական
այդ
ամբոխը
այս
սրճարանը
կ՚ողողէր
առաւօտէն
մինչեւ
իրկուն։
Մանր-մունր
բոլոր
դատերը,
ինչպէս
մահով
պսակաւոր
մեծերը,
իրենց
պաշտօնական
լուծումէն
առաջ,
երկու
սենեակի
ծաւալով
այս
դատարանին
մէջ
թէ
քաղաքին
մեծ
ամփիթատրոնին,
հոն
էր,
որ
իրենց
զառիթափը
կ՚ընտրէին,
միջամտութեամբը
սրճարանին
տիրոջը։
Հին
բանտարկեալ
մըն
էր
ասիկա,
չորս
անգամ
վճիռ
կերած
մարդասպանութեամբ,
բայց
ազատած
իր
կաշին,
Պոլսէն
մօրաքրոջը
մէկ
աղջիկին
շնորհիւ,
որ
պալատ
տարուած
էր
տասնութամեայ
եւ
սուլթաններու
արիւնէն
առած։
Հիմա
պատկառելի
անձնաւորութիւն,
իր
չուանները
կտրտած,
վասնզի
տարիքը
մօտ
էր
վաթսունին՝
ան
իր
փորձառութիւնը,
անունին
կապուած
սարսափը
կը
գործածէր
տխուր
այս
սպասին։
Ո՛չ
դէգ,
ո՛չ
դաժան։
Նոյնիսկ
ախորժելի։
Բայց
օղիին
հետ
անիկա
կը
դառնար
աստ
ո
ւածային
պատուհաս։
Մեռցուցած
էր
իր
ընկերները,
անոնց
կնիկներուն
համար։
Ծանր
հիւանդութիւն
մը
զինքը
կ՚ամլացնէր
իր
սեռական
կտղուցէն։
Չքացած
էին
անոր
«ակռաներ»ը,
դուք
պէտք
է
հասկնաք
այս
փոխաբերութեան
հարազատ
իմաստը։
Խառնակիչ,
կնի՜կ,
խորհրդաւոր՝
անիկա
հերքումն
իսկ
էր
իր
հերարձակ,
արու,
յիմար
անցեալին։
«Կոնք
բռնողը
արիւն
առնողին»,
ինչպէս
կ՚որակէին
զինքը,
սրճարանէն
սոթտուելու
համար
անցած
զոհերը
անոր
զօ
շ
աքաղութեան։
Ո՞ւր
կը
դնէր
այդքան
կաշառք,
ուտելու
բերան
իսկ
չունեցող
այդ
մարդը։
Բայց
«հայուն
դրամը
բախտ
կը
բերէ»
կ՚ըսէր
անիկա
ու
կը
սորվեցնէր։
Այս
աշխատանքին
մէջ
անոր
կ՚ընկերանար
դիւանի
մը
քարտուղարը,
շատոնց
ետին
ձգած
հանգիստի
կոչման
թուականը,
բայց
դեռ
իր
աթոռին,
կիսաթ
ո
շակ
պատուակալ
տիտղոսումով։
Ու
քանի
մը
փաստաբանի
կտորիկներ
«դպրոցին
դէմէն
անցած»,
ոչ
իսկ
քովէն,
ինչպէս
կը
հեգնէր
տեղակալը
անոնց
խմբագրած
աղերսագիրները
կարդալու
ատեն,
անողոք
ու
խեղճ,
եղէգ
գրիչը
մշտապէս
նիզակած
ականջնուն
ետեւ։
Ծունկ
տուած
տաբատներով,
առանց
օձիքի,
պահելով
շ
ալվարին
արձակութիւնը
իրենց
նոր
տարազին
ալ
մէջը,
ու
վարանելով,
երկու
հակադիր
քաղաքակրթութեանց
բռնազբ
օ
սիկ
խամաճիկները
իբրեւ։
Նալպանտենց
Սերոբը
մտովի
տեսաւ
անկիւնները,
աթոռները,
թաւլուն,
որոնց
իւրաքանչիւրին,
իր
մէջ
կապուած
կը
մնային
սեւ
ու
աղտոտ
դրուագներ։
Պաշտօնական
լրտես
ըլլալէն
ասդին,
ան
երկու
շաբաթը
հեղ
մը
կը
խառնուէր
կթելու
արարողութեան։
«Արիւն
բերան»
բոլորէն
աւելի,
անոր
անգթութիւնը
հաճոյք
էր
թուրքերուն։
Նալպանտենց
Սերոբը,
իր
բաժինը
չէր
խառներ
բերքերուն,
այլ
կը
յատկացնէր
քաղքի
ծախքերուն։
Պահը
կանուխ
ըլլալուն,
սրճարանը
պարպուած
էր
ինքիրմէ
ու
կը
գրաւէր
մտնողը
անցեալին
անդիմամարտ
խուժումովը։
Կառավարութեան
հետ
գործ
ունեցող
մը
երբ
ժամանակէն
առաջ
կը
թափառի
պալատի
անցքերուն,
կ՚ընէ
ատիկա
ի
հաշիւ
իր
յուշերուն։
Ոտքի
ելաւ
յանկարծ։
Մտնո՞ղը։
–
Գետնէն
ու
սարսռագին
առաւ
բարեւը
դիւանի
աւագ
քարտուղարին,
վաղայարոյց,
վասնզի
կինը,
քաղաք
էր
իջեր
եւ
որ
իր
պաշտօնին
երթալէ
առաջ
կը
հովէր
աչքով
մը
սրճարանը,
դիակի
համ
պահած
աղուէսի
մը
նման
`
առնելու
եւ
տալու
համար
հրահանգներ
սրճարանին
տիրոջը։
Քարտուղարը,
թուրքերուն
բառով՝
պաշ
էֆէնտին,
տիպարին
ընթացիկ
կաղապարին
վրայ
–
որուն
հետ
պիտի
շփուինք
քիչ
թէ
շատ
այս
պատմութեան
ուրիշ
մասերուն
մէջ
–
կ՚աւելցնէր
հին
ցածութիւն
մը,
դահութիւն
մը,
տարտղնուած
ու
նիգերէն
դուրս
հինայուոր
ծերութիւն
մը,
որոնք
մեր
տարիները
կը
ժանգահարեն
ժամանակէն
շատ
առաջ
ու
մեր
մարմինը
կ՚ընեն
թթու
եւ
վանող։
Գեղացին
աշխած
կ՚որակէ
այդ
մարդերը։
Քրտինքը,
ուրիշ
հոսումներ,
աղտը,
մորթին
խարզած
աղիութիւնը
եւ
ծխախոտի,
օղիի,
հաշիշի
յամառ
շնչարձակումները,
քիչ
մը
մէզը
եւ
տակաւին
ուրիշ
բաներ
իրարու
կու
գան
այդ
նողկանքը
շրջուն
գոլի
մը
նման
տարածելու
անոնց
անձին
շուրջը։
Պատկերը
քիչ
մը
ընդարձակ
է,
կ՚ընդգրկէ
դիւանի
ծերութիւնները,
աղտոտ
մարդերէ։
Բայց
ահա
աւելին։
Անոր
այս
ստորոգելիներուն
վրայ
իբր
լրում
կ՚աւելնար
տակաւին
համբաւաւոր
ուրիշ
մոլութիւն
մը,
որ
Արեւելքի
մէջ
թէեւ
պաշտօնապէս
դատապարտուած,
բայց
հանդուրժելի
էր
լռելեայն
հաւանութեամբ
կառավարական
շրջանակներու։
Բոլոր
դիւաններուն
պաշ
էֆէնտիները,
իրենց
երիտասարդութիւնը
անցուցած
իրենց
կամ
օտարին
կիներուն
հետ,
իրենց
ծերութեան
համար
կ՚ախորժէին
դիւաններուն
թարմ
պատանիներէն,
թշուառ
ու
տխուր
արարածներ,
ընդհանրապէս
որբ՝
զինուորական
հօրմէ
մը,
որ
իր
աշխատանքին,
ի
դէպ
նահատակութեան
վարձքը
կը
ստանար
այսպէս
իր
արիւնին
հասցուած
գերագոյն
նախատինքով։
Նորակերտ
գազան
հատընտիր
հաւաքածոյ
մը
ունէր
աւագ
պաշտօնեաներու,
մօրերնուն
մանածը
ծախած,
իրենց
կնիկներէն
մոռցուած,
Վանէն
ու
Տիգրանակերտէն
Պոլիս,
անկէ
ալ
հոդ
ապաստանած
երկդիմի
էֆէնտիներ,
իրարու
մեղքերուն
ընտելացած,
խմող,
զրկող,
անխելք
ու
սնամիտ
իրենց
գիրերուն
գեղեցկութեան
հեքիաթով։
Անոնք
կը
սարքէին
գինարբուքներ,
ուր
տղայ
եւ
աղջիկ,
բոլորն
ալ
Պրուսայի
բոզանոցներէն
եւ
բաղնիքներէն՝
կ՚ենթարկուէին
անպատմելի
նուաստացման։
Այս
մոլութեամբ
պատմուճանուած,
խուլ,
հաստ,
հոտած
այս
մարդուկը
կը
պտըտցնէր
խորտուբորտ
իր
մարմինը
(դէմքին,
գլխուն,
ձեռքերուն
կոծիծ
ներ
կը
բուսնէին
սեւ-սեւ
աչքերով)
սա
մարզերուն,
ուր
թուրքին
ընդոծին
յատկութիւնները
(այս
պատմութեան
ամբողջ
հատորներուն
մէջ
հեղինակը
պիտի
ջանայ
ինքզինքը
վեր
պահել
կամաւոր
չափազանցութենէ։
Աղտը,
մեղքը
հասարակաց
են
բոլոր
ժողովուրդներուն։
Թուրքը
չպեղուած
գետին
մըն
է
այդ
ուղղութեամբ։
Իրենց
գրականութիւնը
դեռ
չէ
ազատած
օգտապաշտ
հանգանակներէ՝
զբաղելու
համար
զայն
կազմող
տարրերուն
վերլուծումով։
Դիւրին
եւ
լալկան,
հռետորական
ու
վայրագ,
մեր
վրայ
գործադրուած
իրենց
ահաւոր
ոճիրը
կը
սեւցնէ
մեր
ակնոցները,
ամէն
անգամ,
որ
ջանանք
նայիլ
անոր
հոգիին։
Հասկնալի
է
կարմիր
ռոմանթիզմը,
որ
մեր
գրականութեան
մէջ
դպրոց
է
եղած։
Հայ
եւ
թուրք
հոգեբանութիւնը
կը
շահի,
երբ
վերածուի
բարքերու
հանդարտ
հանդէսի
մը։
Թուրքիայէն
դուրս
դիւրին
է
անէծքը,
շանթը,
դժոխքը
տեղալ
թուրքին
գլխուն։
Մեր
հոգին
մեծ
ու
խոր
կապերով
կը
մնայ
խառնուած
անոր
հոգիին։
Ու
չէ
եղած
վերլուծումը
այդ
հոգիին։
Եւրոպացին
իր
ուզածը
միայն
կը
տեսնէ։
Թուրքերը
Արեւելքի
ամէնէն
ճկուն,
ախտաւոր
ըսուելու
չափ
նրբացած
քաղաքականութիւնը
վարող
ժողովուրդը
եղան։
Բայց
թուրքը
մարդ
է,
նման
բոլոր
մարդերուն։
Ունի
առաքինութիւններ՝
ինչպէս
թերութիւններ։
Ամէն
անգամ,
որ
պետական
կազմակերպութենէ
մը
կը
կառավարուի
–
ուրիշ
բան
չեղաւ
վերջին
կիսադարը
–,
ան
ենթակայ
կը
մնայ
յոռեգոյն
բնազդներու,
վասնզի
իր
պետականութիւնը
դեռ
աւազ,
տափաստան,
այսինքն՝
աւարառութիւն
եւ
գինարբուք
կը
բուրէ։
Ամէն
անգամ,
որ
կրօնական
մոլեռանդութեան
մը
կարմիր
մշուշէն
կը
տեսնէ,
կը
զգայ
իր
դրացին՝
անիկա
կը
վերադառնայ
իր
պապերուն
պատգամին,
որ
մօտիկ
է
շատ։
Հողին,
կանանչին
վրայ,
մարդ
է
անիկա,
երգող
ու
սիրող,
կրցածին
չափ
ալ
ազնիւ։
Այս
պատմութիւնը
պիտի
հետեւի
Թուրք
հոգիին
իր
բազմաբաւիղ
ալքերով),
այսինքն՝
բռնութիւնը,
ծուլութիւնը,
գիշախանձ
ախորժակները
դրացի
հայ
գեղերէն
անճար
ու
անտիրական
ամբոխ
մը
կը
թափէին,
բանտին
կամ
արդարութեան
փրթուկ
նժարին
ներքեւ։
Հետզհետէ
հին,
քաջարի
երիտասարդներ,
որոնք
իրենց
հոգեկան
հարստութեանց
միացուցած
էին
մարմնական
ալ
փարթամութիւնը,
ծանրացող
բռնակալութեան
հետ,
կը
վերադառնային
հայու
իմաստին
։
Քառորդ
դար
առաջ
քաջութիւնը
յարգանք
կը
վայելէր
թուրքին՝
ինչպէս
հայուն
մօտ։
Զգալու
ձեւ
մըն
էր
ան
`
առանց
ազգայնական
շապիկէն
նեղուելու։
Հիմա
թուրքերը
զայն
պատրուակ
կ
ը
նկատէին
հայ
կոտորելու,
առնուազն՝
կողոպտելու,
իրենց
ախորժակին
կայծ
մը
գտնելու՝
յանդուգն
արարքներու
մէջ։
Ու
մեր
տղաքը,
արգիլուած
թուրքերէն,
կը
խուժէին
իրարու
վրայ։
Կը
վխտային
բանտերը։
Ու
դէպի
հոն
տանող
ճամբուն՝
մեր
ժողովուրդը,
փոքր՝
բայց
նոյնքան
կծու
տագնապներու
մտրակին
տակ։
915ի
ճամբուն
նախավայե՜լք,
ուր
փտած
ոստիկանին
հետ
աւագ
կամ
չաւագ
քարտուղարներ
իրենց
բազմապիսակ
ախորժակներով։
Դրամի,
կնոջ,
կաշառքի
դէմ
լայն
երախներ,
բնական
ու
հաստատ։
Կարծես
այս
մարդիկը
ծնած
չըլլային
ուրիշ
բանի
ընդունակ։
Ու
Թահսին
էֆէ
ն
տին
հպարտ
ալ
էր
իր
տիտղոսովը,
որ
փոխաբերաբար
կը
պատկերէր
անոր
արհեստը
`
զայն
նմանցնելով
հոր
փորողներու
կամ
ական
հատանողներու։
Անիկա
նոր
չէր,
որ
կը
ճանչնար
Նալպանտենց
Սերոբը
`
լսած
ըլլալով
շատախօս
գեղացիներէ
զրոյցները
անոր
պատանութեան։
«Ճանճը
կը
ճանչնայ
բէգմէզճին
»
կ՚ըսէին
իրարու
ուրիշ
քարտուղարներ,
երբ
կը
տեսնէին
անոնց
մտերմութիւնը։
Երկու
տարի
եւ
աւելի
առաջուընէ,
ան
ուշադրութեամբ
կը
պարուրէր
տեսաբուսիկ
էֆէնտին,
որուն
դէմքը
դեռ
կը
վարանէր
զատուելու
իգաշնորհ
իր
կնիքէն
`
հակելու
համար
դէպի
առնութիւն։
Անոնք,
որ
հեղինակութիւն
էին
Սերոբին
անցեալէն,
կ՚երթային
առաջ
`
փսփսալու
համար
տխուր
բաներ։
Իրողութիւն
էր,
որ
քարտուղարին
ցուցմունքովն
ու
գայթակղեցուցիչ
պաշտպանութեամբ
կառավարական
բոլոր
դիւանները
թոյլատու
եղան
Նալպանտենց
Սերոբին։
Ձրի
բարեկամութիւնը
հաճոյք
է
կարգ
մը
մարդոց։
Զայն
կը
տրամադրեն
հեռագոյն
հաշիւներու
պարունակէն
ու
կը
սպասեն
սարդի
նման,
յամառ
եւ
անզիջող։
Կը
յարգուէր
բոլորէն,
սուրճով
ու
սիկարով,
ու
չէր
զգար,
թէ
իրենց
այս
պատիւին
մէջ
մարդերը
կ՚ընէին
իրենց
աչքերը
յայրատ,
ու
շրթունքները՝
ջուրոտ։
Մօրուօք
նախագահներ
կը
շոյէին
բարութեամբ
անոր
երեսները։
Գայմագամը,
աստուածը
գազային՝
ժպտադէմ
կ՚առնէր
անոր
բարեւը,
քաղաքական
մեծ
իմաստութիւն
մը
փաստելով,
–
գործածել
սուտն
ու
իրաւը
`
առնելու
համար
կեավուրներուն
կարելի
գաղտնիքները,
հիմա՝
որ
հայկական
հալածանքը
պաշտօնեաներու
յառաջացման
գերագոյն
խայծն
էր
կայսրութեան
մէջ։
Քարտուղարը,
յաւելուածօրէն
ու
միշտ
«պատուակալ»
կը
վարէր
նաեւ
աշխատանքները
այն
յանձնաժողովին,
որ
պաշտօն
ունէր
«բարձր
հսկողութիւն
մը»
կանգուն
պահելու
հայ
գեղերուն
վերեւ։
Աջ
բազուկն
էր
անոր
Սերոբէ
էֆէնտին,
փոյթեռանդն,
թուրքի
մը
չափ
նուիրուած
իր
պաշտօնին,
իր
ատած
երիտասարդները
յանձնելով
ուշադրութեան։
Ան
կը
մասնակցէր
գաղտնի
ոստիկանութեան
ալ
ժողովներուն,
–
երկդիմի
մարմին
ասիկա,
կազմուած
թափթփուկ
հոճաներէ
եւ
հասառու,
դաժան
պէյերէ,
հիմնովին
տգ
էտ
ու
ատով
աւելի
կատաղի
էր
ծառայութիւնը
մատուցանելու
«յոտս
կայսերական
գահոյից»։
Ու
քարտուղարը
աշխարհիկ
այս
մարմինին
առջեւ
ինքզինքը
կ՚անուանէր
մտերիմ,
անկեղծ
բարեկամը
փարլախ
էֆէնտիին։
Հացկատակ,
ինչպէս
պարտքն
է
ըլլալ
Թուրքիոյ
մէջ
ամէն
դիւանամուկի՝
անիկա
առանց
արարողութեան,
տուրքի
մը
պէս,
խմեց
Սերոբին
սուրճը։
Ան,
նման
ամէն
առիթի,
մեծ
ու
պզտիկ
այս
կողոպուտին
ատեն,
կը
զգենուր
հաճ
այն
երանգը,
որով
իրաւունքի
հեքիաթ
մը
մեզ
կը
գունաւորէ,
երբ
կը
ղրկենք
կամ
կ՚իւրացնենք,
անպաշտօն,
դուրս
չթափուող
մեղքով
մը։
Խմեց։
Ու
ամէն
ումպի,
անոր
լուրջ,
թթու
դէմքը
կ՚ըլլար
տարօրէն
սողոսկուն,
երբ
քովնտի,
կէս
մը
խուփ
թարթիչին
տակ
նայուածքը
կ՚իյնար
Սերոբին
աչքին։
Յետոյ,
նոյն
անկնճիռ
շնորհով՝
անիկա
պարպեց
անոր
ծխատուփէն
դեղնաւուն
ու
գանգուր
խոտը՝
իրենին։
Վարժութի՞ւն։
Ան
չէր
մոռնար
կրկնել
իր
սիրական
առածը՝
«Կնիկին՝
ինչպէս
նուէրին
չ՚ըլլար
գէշը»։
Բայց
իր
բարձր
բարեացակամութիւնն
էր
ատիկա,
որով
կը
վարձատրուէին
իր
սիրածները,
բոլորն
ալ
դիւաններէն
մարզուած
ու
գոց
սորված
մէկ
անասելի
քառեակը
անոնց
մեծ
պարսաւագիր-քերթողին՝
Ն.
Քեմալին։
Նալպանտենց
Սերոբը
իր
մաքուր
գիրով
քանի
անգամ
օրինակած
էր
համբաւաւոր
քառեակը,
որ
կլոր
աշխարհին
իբր
առանցք
կու
տար
միսէ
սիւնակ
մը։
Կը
խմէր
ու
կը
դեղնէր
անիկա,
տեղին
քարտուղարը,
միշտ
աւելի
խոհուն,
միշտ
աւելի
սողոսկուն։
Յայտնի
էր,
որ
ըսելիք
ունէր
եւ
չէր
կրնար։
Ականջին
ետեւէն
եղէգը,
մութ
սրճագոյն
եղէգիկ
մը
կը
հետեւէր
անոր
դէմքին
տագնապին,
դողահար,
հակ,
խառնելու
չափ
քիթը՝
մօրուքին։
Ու
տարօրինակ
էր
անոր
բերանը,
որ
կը
խօսէր
երկու
մարդու
տեղ։
Մէկուն
բառերը
սովորական,
անիմաստ,
լսելի։
Միւսինը՝
լուռ,
փախած
դէպի
աչքերը։
Ամէն
քիթը
վեր
քաշելուն՝
չէր
մոռնար
մատ
երկարել
դէպի
եղէգը։
Քիչ-քիչ,
մարդեր,
առհասարակ
հայ,
որոնք
բեկուած,
ժամեր
տեւող
հետիոտն
քայլքէն,
կը
մտնէին
ներս
վախով,
բայց
պարտականի
մը
երեսով,
կը
դնէին
իրենց
մարմինները՝
վարանոտ,
խարխուլ
աթոռներուն։
Գեղացին
ի՜նչ
տխուր
արարած
է
իր
գեղին
շրջանակէն
դուրս։
Բայց
ի՜նչ
տխուր
է
հայ
գեղացին
թուրք
իշխանութեանց
քաւարաններուն
առջեւ։
Ամէն
մտնող,
կարծես
գիտակցական
անզգածութեամբ
մը,
կը
կարծրանար
ու
կը
դառնար
քար
իր
բնութքին,
որով
անիկա
դարէ
դար
դիմաւորեց
Աստուծոյ
եւ
մարդոց
բոլոր
նիզակները։
«Մեռած
էշը
վախնա՞յ
գէլէն»,
այսպէս
կը
խորհէր
ամէն
մտնող
եւ
կ՚ողջունուէր,
լայն
ու
ձրի,
ցուրտ
բարեւով
մը։
Նոյն
րոպէին
ան
զննուած
էր
արդէն
կարծրահայեաց
ա
ղայէն,
սրճարանին
տիրոջմէն,
որ
տարիներու
փորձառութեամբ
մը
կը
զանազանէր
գեղացիները
–
մէկ
գեղէ
–
միւսներէն,
մեկնելով
անոնց
շեշտէն,
բառերէն,
տարազէն
ու
կը
գտնէր
փոխանակուելիք,
պիտանի
բառը
ամէնքին
համար։
Ոճրագործին
թմբիրէն
յետոյ,
անոր
մէջ
ներքինին
եկած
էր
առաջին
փլանի։
Երեսպաշտ,
խորամանկ,
ծփուն,
կասկածոտ,
խորապէս
վախկոտ,
բայց
առանց
ինքզինքը
ձգելու
իր
համբաւին
սարսափէն,
որ
անոր
դէմքին
վրայ
կը
սառէր
եւ
անոր
միսերը
կ՚ընէր
անարիւն,
մեռել,
նայուածքն
ալ՝
ծանր,
դաշոյնի
նման։
Անիկա
գիտէր
լեզու
բարտել
ամէնուն
բերնին
հովին,
սիկար
հրամցնել
ապահով,
թէ
մէկին
տեղ,
գալիքը
հարիւր
էր։
Յետոյ
մտան
թուրքեր,
կառապան
կամ
կէս-խենթ,
բոլորն
ալ
ընտանի
Նալպանտենց
«էֆէնտի»ին,
դառնալով
շուրջը,
հիացիկ
ու
թուքոտ։
Դատապարտուածներ
ասոնք,
այսինքն՝
բանտային
իրենց
պատուհասումը
աւարտածներ,
որոնք
իրենց
երիտասարդութիւնը
կամ
հասունութիւնը
բանտերու
մէջ
բոլորած,
տարիներով
անգործ
իրենց
անդամներուն
վարժութիւնը
կը
կորսնցնեն
եւ
դժուարութեամբ
ոտք
կը
փոխեն։
Անոնք,
իրենց
փոխարէն,
քալելու
դերը
կը
յանձնեն
ձիերուն,
իրենց
բառովը՝
իրենց
սրունքները
փոխանցած
են
անոնց։
Խորապէս
ապականած,
սուտին
եւ
լրբութեան
մէջ
«թրծուած»
ու
ոսկոր
դարձած,
պիտի
խաբեն
անդադար
`
ուրիշ
բանէ
չառնելով
համ
ու
վայելք։
Ապրուստի
հա՞րց։
Վարժութեան
ձա՞յն։
Տարիներու
ձգողութեամբ,
կաղապարուած
այդ
շրջանակին
հոգիին
մէջ՝
անոնք
չէին
կրնար
շատ
հեռանալ
բանտին
հոտերէն,
որ
առնուազն
ցամաք
հաց
ու
ապահով
շուք
մը
պատրաստ
կը
պահէր։
Ներսը
թէ
դուրսը,
–
շատ
չէին
զանազաներ
եթէ
չըլլար
կինը,
որուն
կարօտը,
բանաստեղծութիւնը,
մորմոքը
ո՛չ
ոք
կը
զգար
անոնց
չափ,
երբ
կիսախաւար
իրենց
որջերէն
կ՚արձակէին
ողբանուագ
մեղեդին՝
Շատերը
կարգուկ,
շատն
ալ
նշանած
լալով
ու
լացնելով
ոստիկանները,
պաշտօնեաները,
զինուորները,
որոնք
կը
մօտենային
գառագեղին
վանդակին
ու
կուլ
կու
տային
իրենց
մտքին
պատկերները,
երգին
ասեղովը
քակուած,
տարածուած՝
մոռացութեան
գլանէն։
Ու
անոնք
իսկ,
որոնք
ճերմկած
էին,
կ՚երգէին
իրենց
սիրականները,
կային՝
որ
պիտի
ուզէին
հոն
դառնալ,
փակելու
համար
իրենց
աչքերը
աշխարհին,
եթէ
իշխանութիւնները
յօժարէին
սանձահարել
քիչ
մը
ոջիլներուն
շահատակութիւնները,
որոնք
գումարտակ-գումարտակ
կը
գրաւէին
անոնց
բոլոր
պահծու
բերդերը,
մազոտ
նահանգները,
պինդ,
աներես,
կպչուն,
մորթը
փորելու
հաստատ
իրենց
ճիգին
մէջ
անհանգիստ
չըլլալով
ոչ
մէկ
միջոցէ։
Հապա
մարտկոցնե՞րը
մլուկներուն։
Զրահապատ
իրենց
ամրոցներէն
ասոնք
գրոհ
կու
տային
ու
իրենցմէ
ետքը
իրենց
հոտը
կը
գործածէին
իբր
վերջին
շնորհ։
Բանտերուն
այս
պատուհասները
աւելի
սարսափ
էին
ձգած,
քան
ծեծը,
որ
կը
յ
ո
գնեցնէ
տուողն
ալ,
երբ
ցեղակիցէ
ցեղակից
կը
գործադրուի,
համով
մարդեր,
ամէն
խառնուածքէ,
ընտանի,
քաղցրալեզու,
կատակող,
սրամիտ
նոյնիսկ,
յանդգնելու
չափ
քննադատելու
իշխանութիւնները,
–
անկարող,
պարտուած՝
մակաբոյծներու
դէմ
իսկ
իր
կռիւին
մէջ
եւ
կազի՝
կեավուրներուն
դէմ։
Անոնք
կը
դառնային
հին
պաշտօնեաներու
շուքին
մէջ,
որոնք
չէին
մոռնար
անոնց
ծամօնը,
միշտ
անհաւատին
կռնակէն։
Սրճարանին
տէրը՝
Արաբ
Հասանը,
ատոնք
կը
գործածէր
վարժ,
դիւանագէտ
բաշխումով,
գեղերու
միջեւ։
Ու
դեռ
փաստաբաննե՜րը,
բոլորն
ալ
գիրուկ,
թուլամորթ,
խեղճ,
որոնք
իբր
վարձատրութիւն
իրենց
մարմնի
վաճառումին,
երբ
պեխ
ու
մօրուք
հագ
ն
ելէ
յետոյ
անյարմար
կ՚ըլլային
այլեւս
պա
շ
էֆէնտիներու
վայելքին,
արտօնուած
էին,
տնավարի
ձեւերով,
մէյ-մէկ
խանութ՝
կազի
կամ
պասմայի
սնտուկէ
ձեւուած
կամ
մեծկակ
հովանոց
մը
բանալու
եւ
լարելու
իրենք
զիրենք,
գամուած
իրենց
այծենիին,
եւ
քաշելու
իրենց
ոստայնին
թշուառ,
անղեկ
գեղացիները,
անոնց
ամսուան
մը
հացը
կորզելով
անոնց
բերանէն,
երկու
տող
սուտ
գիրի
գնով։
Կառավարութիւնը
աչք
կը
գոցէր
այս
առնէտներուն։
Ու
տակաւին
միւս
գումարտա՜կը։
Կուսակալութեան
դիւաններէն,
դատարաններէն,
հանգստեան
կոչուած
դռնապանները,
ծխախոտէն
աշխած
մօրուքով
ու
կաշառքին
մէջ
թթուն
դրուած
սեխի
գլուխներով,
որոնք
դատարանին
դուռը
պահելուն,
սրահը
աւլելուն
յիսնամեայ
իրենց
իմաստութիւնը
սուղ-սուղ
կը
ծախէին
`
պաշտօնական
բառերը
քշելով
աջ
ու
ձախ,
հիացիկ
գեղացիներու
արմանքին,
հաւու
մը,
սակառ
մը
ձիթապտուղի
փոխարէն
դատ
մը,
այսինքն՝
անոր
ի
նպաստ
գեղացիին
լուծումը
կանուխէն,
իրենց
հզօր,
«աշխարհք
տեսած»,
երբեմն
ալ
հաճի
մօրուքին
անվրէպ
վկայութեամբը
մարգարէանալով։
Ու
ասոնց
քովէն,
հին
ոստիկաններ,
ա՛լ
գունաթափ՝
ինչպէս
պետական
համազգեստը,
զոր
կը
յամառէին
չլքել,
երիզները
խղդելէ
եւ
կոճակները,
լուսնանշան
ու
աստեղապորտ,
աշխարհականացնելէ
ետքը։
Մաշած,
մաշած՝
բայց
իրենց
առիւծի
վեհափառութեան
ամրօրէն
փաթթուած
մարդեր,
դառնացած
փատիշահէն,
որուն
աչքը
չհասաւ
իրենց
ծառայութիւններուն
եւ
առաձիգ՝
թթենիի
ճիւղին
նման,
իշխողներու
մատներուն
մէջ,
հին
համերէն
ու
հրաշքներէն
պատմելով
իրարու,
«հաց»
սպասելու,
«հանելու»
իրենց
սա
ծեր
անկարողութեան
մէջ
իսկ
մնալով
արգահատելի,
մա՜րդ։
Անոնք
իրենց
ծառայութիւնները,
միշտ
անշահախնդիր,
միշտ
«ի
հաշիւ
գեղացիին»
երկու
կողմերուն
ալ,
–
կառավարութեան՝
տալով
անոր
մանրամասն
տեղեկագիր
կեավուրներուն
նիւթական
վիճակէն,
որուն
ծանօթ
էին
երկարամեայ
իրենց
սպասարկութեամբը,
գեղէ
գեղ,
գեղացիին
դուռ
ու
ճամբայ
հարթելով,
անխուսափելի,
արդար,
ամենափրկիչ
կաշառքին,
երբ
խոստովանանքի
գիրքով
մտիկ
ընելէ
վերջ
գեղացին
հոս
նետող
պատգամը,
կը
թափանցէին
իմաստին
եւ
գրաբար
կը
ճշդէին
«սա
պահեսցէ»ին
քանակը,
յստակ
առոգանութեամբ
մը
հայեվար
արտասանելով
արկո
ն։
Հայկական
ջարդերէն
ետքը,
գեղացին
ձգուած
ինք
իր
գլխուն
–
յեղափոխութիւնը
չեկած՝
մեռած
էր
այդ
շրջանին
մէջ,
հազիւ
քանի
մը
աննշան
բախումներ
սարքելով
խուժդուժ,
տեղական
բռնապետներուն
դէմ
–,
լքուած
առաջնորդէն,
որ
իր
մուշտակին
հոգը
ունէր
աւելի,
քան
թեմին
կարիքներուն
յանձանձումը,
զրկուած
հին
աղաներուն
լայն-ձեռք
կորովէն,
երբեմն
դրամով,
երբեմն
Պոլսէն՝
պատրիարքարանով։
Ու
փաշայի
մը
քմայքովը
ճահիճէն
հանուած,
բայց
ճահիճ
հոտող
այս
գեղը,
չորս
հարիւրը
չանցնող
իր
տուներովը,
պետական
կազմակերպութեան
մը
ամբողջ
սարիքովը
–
արդարութիւն,
ոստիկանութիւն,
ելեւմուտք,
անտառ,
առողջապահութիւն
եւ
ուրիշ
ութիւններ
–
խոր
կը
մխրճէին
իր
մագիլները
5-6
հազար
տուննոց
հայ
այդ
շրջանին
միսերուն
`
ապրելով
եղին
ու
մեղրին
մէջ։
Անուղղակի
այս
տուրքը
անողոք
էր
միւսէն
աւելի,
անձնական
ըլլալուն։
Ու
կեավուրին
աշխատանքը
հասնելու
էր
այս
բոլորին։
Ոստիկան
մը
աճապարանքով
մտաւ
ներս,
ծռեցաւ
քարտուղարին
ականջին,
ուրկէ
գրիչը
թռած-իջած
էր
ձեռքին։
Պաշ
էֆէնտին
կարծես
կ՚ուզ
է
ր,
ասանկ
պաշտօնական
առիթներու,
ազատել
իր
ականջը
ամէն
բեռէ,
թեթեւցնելու
համար
լսողութիւնը՝
խաթարուած՝
տարիքէն
եւ
ուրիշ
ախտերէ։
Բայց
չէր
կրնար
ըլլալ
առանց
իր
եղէգին,
որ
կէս
դար
ու
մօտ
ժամանակէ
մը
ի
վեր
այլեւս
մաս
կը
կազմէր
անոր
մարմինին,
ուղեղին
մէկ
մա՛տը,
որ
իր
թառէն՝
ականջէն
դուրս
ալ
այնքան
նրբենի
բնակ
ան
ութեամբ
մը
կը
տեղաւորուէր
ձեռքին
միւս
մատներուն
մէջտեղը։
Քարտուղարը
աւելի
յստակ
կը
հասկնար
շրթունքէն
եւ
շշուկէն։
-Հիմա,
հիմա,
-
պատասխանեց
ոստիկանին։
Նեղուածք
կար
իր
բառերուն
մէջ
ու
կը
նմանէր
մէկուն,
որ
բռնի
կ՚առնուի,
կ՚արգիլուի
ամէնէն
աւելի
սիրած
իր
մէկ
կերակուրէն։
Բայց
հաւաքեց
ինքզինքը։
Կը
պատրաստուէր
մեկնելու։
-Ո՞ւր։
-Գայմագամ
պէյին։
Բարձր,
լսողներուն
վրայ
հով
ձգելու
ճիգով
մը։
Ո՜վ
անյատակ
գեղեցկութիւնը
անկիւնի
աքաղաղներուն,
երբ
իրենց
քոսոտ
պոչերը
ցոյցի
կը
հանեն
ապշահար
կրիաներուն։
Բնական
էր
ալ
պաշ
էֆէնտին,
վասնզի
կարգ
մը
մարդերու
մօտ
սնապարծութիւնը
ա՛լ
կորսնցուցած
է
պատահական,
պարագայական
իր
երանգը
`
ըլլալու
համար
խառնուածքի
հեղում։
-Վայրկեա՜ն
մը։
Նշանացի՝
կեցուց
զինքը
սրճարանին
տէրը։
Կենդանի,
խռո
ւ
ած
ու
խոր՝
խօսակցութիւնը։
Ու
մարդիկ
կը
զարմանային,
թէ
ինչպէս
երկու
քայլ
անդիէն
թմբուկի
մը
մուրճին
դէմ
փայտի
պէս
անհաղորդ
այդ
ականջները
կ՚իւրացնէին,
կը
խմէին
այդ
փսփսուքը,
ուրկէ
ոչ
իսկ
թել
մը
բան
կ՚իյնար
շրջապատին,
խորապէս
հետաքրքրուած,
քանի
որ
բնազդաբար
ծանօթ՝
այդ
հասկացողութեան
պատճառ
ու
արդիւնքին։
-Ինծի
հե՛տ,
-
դարձաւ
պաշ
էֆէնտին
Սերոբին։
Նալպանտենց
տղան,
խոնարհ,
անշուշտ
քիչ
մը
յուզուած
ալ,
ելաւ
դուրս
անոր
քովն
ի
վեր։
Խօսելի՜ք
ունէր։
Պաշ
էֆէնտին
մեծ
սօսիին
տակ
փսփսաց
անոր
ականջին։
Սերոբին
վերադարձաւ
իր
չարակամ
կենդանութիւնը։
Ոգեւորուեցան
անոր
դէմքին
գիծերը։
Բայց
դժբախտ
էր
խօսելու
անկարելիութենէն։
Խուլ
ականջնե՜րը։
Յետո՞յ։
Զգաց,
որ
մեղաւոր
էր
ուրիշ
պատճառ
մըն
ալ,
–
ըսուելիքին
արտակարգ
նկարագիրը։
Ոտքի
վրայ՝
ան
ալ
գիւղաքաղաքին
է՛ն
բանուկ
կէտին
վրայ։
Բայց
քարտուղարը
ընդհատեց
անոր
մտածումները.
-Քիչ
ետքը
պիտի
գամ,
կարեւոր։
Չհասկցաւ։
Բայց
սորված
էր
չհարցնել։
Անոնք
դիմաւորուեցան
փոքրահասակ,
քիչ
մը
աղջկադէմ
գրագիրէ
մը,
որ
մազերուն
խազը
բացած,
ինչպէս
պիտի
ընէր
գեղացի
հարս
մը,
խոնարհ
հակումով
բարեւեց
պաշ
էֆէնտին
եւ
քաղաքավարի,
թրքական
թիփիկ
եւ
անփոխարինելի
արտայայտութեամբ՝
անոր
ընկերացող
շինծու
էֆէնտին,
ինչպէս
կ՚ըսէին
ու
կը
հայհոյէին
իրարու
մէջ
դիւաններու
ստորակարգ
պաշտօնեաները։
Ոչ
մէկ
ժողովուրդ
այդ
նրբութեան
է
հասցուցած
դէմինը՝
լրջութեան
եւ
արժանաւորութեան
ջնարակի
մը
մէջ
լոլոզելու
արհեստը։
Անոր
քաղաքակրթութեան
ամէնէն
յատկանշական
ցուցիչն
է
ատիկա։
-Կէսօրի՛ն։
Պատասխանեց
քարտուղարը։
Միւսը
նոյն
խոնարհ
հակումով
հեռացաւ։
Ու
ոչ
ոք
պիտի
գիտնայ,
թէ
ի՛նչ
ունէր
ընելիք
պաշ
էֆէնտին
այդ
պատանիին
հետ։
Անոր
փոքր
ու
լիք
ձեւերը
կորսուեցան
աղբիւրին
դէպի
բացուածքը,
որ
կ՚առաջնորդէր
քարտուղարին
բնակարանը։
Սերոբը
մտքով
հետեւեցաւ
տղուն։
Դիւաններու
աշխատանքը
սկսած
էր
շատոնց։
Ո՞ւր
կ՚երթար,
իր
գործը
ձգած
այդ
կասկածելի
մարմնով
պաշտօնեան։
Դիմաւորուեցաւ
տասնապետէ
մը,
դդմած
ու
ծաղկահար,
անհուն
տգեղութեամբ
ու
կապուտ
շրթներով։
Կեավուրին
ներկայութիւնը
կը
նեղէր
զանոնք։
Ընկոյզ
ուզեց
պաշ
էֆէնտին
`
յարգելու
համար
սկզբունք
մը,
քան
թէ
պէտք
ունենալուն։
Սերոբը
նեղուեցաւ
իր
յիմարութենէն։
Ինչպէս,
առանց
հաստատ
կաշառքի,
պետական
բառով
ակռավարձի
(մենք
ունինք
համիմաստ՝
ակռաժաժիկը)
մեկներ
էր
գեղէն,
այդքան
մեծ
հոգի
մը
դանակը
սիրտին։
Քրտնեցաւ
քարտուղարին
իմաստալից
նայուածքէն,
երբ
ազատ
ձեռքով
–
միւսը
կը
բռնէր
եղէգը
–
տասնապետին
պայուսակէն
ընկոյզները
սահեցուց
ժաքէթին
փոր
տուած
գրպանը։
Ու
տրտմօրէն
զուարճալի
բան
էր
նայիլ
ետեւէն
այդ
կարճուկ
եւ
հաստ
մարդուն,
որուն
գրպանները
ձիու
տոպրակի
պէս
կը
զատուէին
ժաքէթին
մարմինէն
ու
բացը
կ՚ելլէին՝
լարուած
հոն
թխմուող
գողօններէն։
Կ՚երթար
ճօրրալով
ու
խուլ,
այսինքն՝
տասնոց
չտալով
բոլոր
աղմուկին,
հեգնութեան
եւ
քաշքշուքին,
որոնք
չեն
պակսիր
կաշառակերին
կրունկներէն։
Հանրային
կարծիքը,
ալէմին
լեզուն
այդ
մարդերը
հաճոյքի
մէջ
կը
թաթխէ։
-Կարմիր
ձուկ։
Ապսպրեց
գետաբերանի
հայ
ձկնորսին,
որ
փլած
էր
բեռը
պալատին
ճիշդ
ճակատը,
դարբնոցին
պատին։
Հռչակաւոր
ոսկի
ձուկը
Իզնիկի
լիճին,
որուն
միսը
կաթի
գոյն
եւ
մեղրի
համ
ունի
եւ
իւղը
գինով
կ՚ընէ
ուտողը,
իրական
խմիչքէ
մը
աւելի։
Հարուստներուն,
ձրիակերներուն,
բոլոր
պաշ
էֆէնտիներուն
եւ
ոստիկանական
աւագ
պաշտօնատարներուն
օրհնաբանած
ձո՜ւկը։
Ձկնորսը,
խեղճ,
բարի,
թուքը,
այսինքն՝
ըսելիքը
կուլ
տալով,
ծռեց
գլուխը։
Անիկա
սարսափին
տակն
էր
ծեծին,
որ
գործադր
ո
ւած
էր
իր
կողերուն
վրայ
շաբաթ
մը
առաջ,
քոմիթաճի
երկու
հայու
ապաստան
ընծայած
ըլլալուն։
–
Ամբաստանութի՞ւն,
իրողութի՞ւն։
Ոստիկանութիւնը
հոտ
էր
առած,
անշուշտ
առանց
հաւատալու,
խուզարկած
շրջանին
ագարակները,
մա՛նաւանդ
անոնք,
որոնց
աշխատաւորութիւնը
կը
կազմէին
հայ
չքաւորները,
–
իրենց
գեղէն
գաղթելու
ստիպուած
թշուառականներ
բոլորը,
սուլֆաթոյին
զօրութեամբը,
յամառելով
աշխատիլ
այդ
մահածին
կայքե
ր
ուն։
Ձկնորսը
պատիժը
կը
քաշէր
ձուկի
մը
արժէքը
ուզելու
իր
համարձակութեան,
քոսոտ,
դդմած
տասնապետէն։
-Հի՛նգ
օխանոց
մը։
Ու
քալեցին։
Սերոբին
աչքին
պատկերացաւ
ոսկերանգ
կենդանին,
որուն
աչքերը,
խա
շ
ելէն
յետոյ,
գոյնը
կ՚առնէին
աղաւնիի
հաւկիթին
եւ
որուն
ուղեղը
մարդոց
երակներէն
թունդ,
վառօդի
համ
մը
կը
պարպէր։
Անոնք
բաժնուեցան
իրարմէ,
պալատին
բակին
մէջ,
դէպի
վեր
տանող
զոյգ
սանդուխներու
սկսուածքին։
Երբ,
կլոր-կլոր
դառնալով,
ու
ամէն
յարկէ
ետք
քիչ
մը
աւելի
նեղցող
սանդուխն
ի
վեր
անիկա
եղաւ
անյայտ,
Սերոբը
ինքզինքը
գտաւ
բոլորովին
մինակ։
Ինչո՞ւ
եկած
էր։
Մեղադրեց
ինքզինքը
իբր
բամպակ,
անճարակ։
Իրե՞ն
պէս
կ՚ընէին
ուրիշներ։
Այս
ինքնամեղադրանքը
աճեցաւ
ինքնիրմէ։
Ձախորդութիւնը
երբ
խոր
է,
մեզ
կը
կոտրէ
իր
կշիռէն
աւելի։
Մեր
հոգին
կտոր-կտոր
կ՚իյնայ,
կործանած
սիւնի
պէս,
բայց
որուն
իւրաքանչիւր
կտորը՝
փորձանքը
կը
կշռէ
առանձին-առանձին։
Ուրախ
ու
յաջող
պահու
մը
մեզի
չեն
հասնիր
սանկ
ու
նանկ
խայթումներ,
մեզ
նուաստ
ձգող
հարուածներ։
Բայց
մեծ
աղէտի՞
մը
ոլորտէն։
–
Ամէն
մասնիկ
կ՚աճի
ու
կը
ճնշէ
մեզ
իբր
ամբողջ,
ինչպէս
խորտակուած
ալիքէ
մը
ծովին
ամբողջ
տաղտապանքը
զգալի
կ՚ըլլայ
երբեմն։
Յանկարծ
լուսաւորուեցաւ։
Քարտուղարին
փսփսուքը
երկարեցաւ
մինչեւ
իր
գեղը,
իր
ձիթաստանը
եւ
հոն
աշխատող
Սողոմենց
շո՜ւնը։
Ձկնորսին
ծեծը,
քոմիթաճիները,
փնտռտուքը,
ագարակի
հայ
տղաքը
բոլորը
եկած
մէկ
գիծի,
որուն
կեդրոնին
անիկա
դրաւ
Սողոմենց
Սողոմը։
Թեթեւցաւ
անիկա։
Բայց
վարանում
կար
մէջը։
Կը
թափառէր
բակին
մէջ,
զոյգ
սանդուխները,
մուտքի
մեծ
դուռը,
քովնտի
նրբանցքներուն
բերանները
հսկելով
միանգամայն,
արագ,
անհանդարտ,
խթանուած
ներքին
զայրոյթէն.
անոր
ուղեղը
կը
սթափէր
քիչ-քիչ
ու
անախորժ,
խակ
ոլորտէն
–
որով
կը
ծանրանան
հոգիները
իրենց
վրիպանքը
ճակտէ
ճակատ
դիտել,
երբ
կը
ստիպուին
–
կը
մտնէր
սեփական
ոլորտին
մէջ,
–
թուրքի,
ոստիկանի,
աղտոտ,
մութ
բաներու
անգայտ
այդ
ծո՜վը։
Պահ
մը,
տարուելու
չափ,
զբաղեցաւ
հրդեհի
շարժական
ջրհանով
մը,
որ
բակին
խորքը
կը
խազխզէր,
դոյլերովը,
ջուրի
ընդունարան
սնտուկին
ժանիքաձեւ
սղոցովը
եւ
սիւնսանդուխներու
ծալուած
պատգարակովը։
Իւղաներկ
նկարէ
մը
–
սնտուկին
երեսին
–
հրդեհ
մը
կը
բացուէր,
բաւական
պայծառ,
իր
կարմիրովը
յաղթելու
չափ
խորքին
կիսաստուերը։
Կրակը
կը
նետուէր,
կարմրած
օձի
սլաքումներով,
պոռոտ,
ու
հաստ,
ու
կ՚ըլլար
յատակին՝
վրձին
մը,
որ
հալէր
մէկէն
ու
մնար
սառած։
Ջրհանկիրները,
սե՛ւ,
մարդ
ըլլալէ
աւելի
տղու
գծագրութիւններ,
առանց
կորագիծի,
անկիւնոտ,
ծիծաղելի՝
բայց
թեւերնին
այնպէս
ամբարձիգ,
որ
չկրցաւ
չյիշել
Սողոմենց
Սողոմին
երկարած
բազուկը՝
ափին
դաշոյնով։
Պաղ
բան
մը
ծաւալեցաւ
աչքին
ճամբաներէն
դէպի
ներսերը։
Ու
դառնութեամբ
ստուգեց,
որ
ասկէ
յետոյ
պիտի
չկրնար
առանց
այդ
շան
լակոտին
ստուերէն
յաճախուելու
երկու
կտոր
բան
տեսնել,
մտմտալ
երկու
գլուխ
բան։
Նկարին
մէկ
անկիւնէն
կին
մը,
օրան
մը
բռնած
կը
հեռանար։
Իր
աչքերը
երկար
մնացին
յառած
տախտակեայ
ձեւին։
Պարա՞պ,
լեցո՞ւն։
Ան
մտաւ
իր
հոգիին
այն
մուշտակին
մէջ,
որով
կը
դիտէր
տղաբերքերը,
օրնի
մանուկները,
–
ցուրտ,
անգութ
այն
կարծրութեան
մէջ,
որ
զինքը
ահաւոր
կ՚ընէր,
տոկոսով
դրամ
իսկ
չյօժարելով
տալ
«զաւկի
կոխան»
հայրերուն։
Անոր
միտքը
չխորացաւ
օրանն
ի
վար։
Բայց
սառեցաւ
իր
նայուածքը
կնիկին
ետեւէն։
Սաւանուած
ձեւը
–
կինը
–
կը
նեղէր
զայն։
Ո՞վ
դրաւ
իր
աչքին
առջեւ
Նալպանտենց
պուպրիկ
հարսը,
Կալերու
զառիթափէն
էջքի
պատկերով։
Անոր
սիրտին
մէջ
գաւաթ
մը
կրակ
պարպեցին…։
Դարձաւ
կրունկին,
վասնզի
գլխուն
վերեւէն
ոտքի
զարկեր
կը
կարդացուին,
ճզճզով
բարեխառնուած
հաստ
հարուածներ,
պետական
կօշիկներու
ձրի
ամրութեամբը,
կոշտութեամբը։
Դռնառաջքի
ոստիկանները
հաւաքեցին
զիրենք։
Պահակը՝
հրացանին։
Հարիւրապե՞տը։
Անշո՛ւշտ։
Սերոբին
գործո՞վ։
Անշո՛ւշտ։
Մենէ
դուրս
շատ
բան
դէպի
մեզ
ուղղուած
կը
կարծենք,
երբ
անոնց
մէջ
ծուէններ
մը
գուշակենք
մեր
խորագոյն
եսը
շահագրգռող,
այն
ե՛սը՝
որ
կը
պահուըտի
օտարին
համար
մեր
կառուցած,
բոլորովին
արտաքին
ու
սուտ
միւս
եսին
համազգեստին
տակ,
ինչպէս
կ՚ուրանանք
շատ
բան,
որ
կը
սահի
մեր
քովէն,
բայց
չի
հեռազդեր
նոյն
եսին։
Հարիւրապետը
կու
գա՜ր
ականջ
երկարել
Սերոբին
դատին։
Հարիւրապետը
պիտի
գար
հաշի՜ւ
առնելու։
Իրականին
մէջ,
հարիւրապետը,
զգուշութեան
ու
գաղտնիքի
պատրուակին
տակ,
օրուան
մէջ
չորս-հինգ
անգամ
կ՚ելլէր
դուրս`
ընդունելու
համար
շրջանի
գեղերուն
սանկ
ու
նանկ
Սերոբները,
բացօթեայ
ունկնդրութեան։
Իրականին
մէջ,
հարիւրապետը
չէր
կրնար
սղմուիլ
հարադիր
իր
սենեակին
մէջ
ու
ատիկա
շատ
պարզ
պատճառով
մը։
Անիկա
իր
ոսկեզօծ
ուսնոցները
եւ
տաբատին
կարմիր
երիզները
ցուցադրելու
պիտի
ելլէր`
քանի
մը
անգամ
անցնելով
իր
նախորդին
դրան
առջեւէն,
–
հանգստեան
կոչուած
ծերունի
մը
ասիկա,
եօթանասուն
իր
տարիներուն,
կամարակապ
կռնակին
եւ՝
մացառուտ,
ահազդու
ու
կանանչ
դէմքին
հետ
ունենալով
քսանամենի
կին
մը,
քնքուշ՝
ինչպէս
հաւկիթէն
նոր
ելած
ճուտիկ
մը,
որպէս
լսած
էր
Նալպանտենց
Սերոբը։
Գիւղաքաղաքը
գիտէր,
բայց
կ՚անգիտանար։
Պոռնիկներու
առատութիւնը՝
քաղաքներուն
մէջ
սիրային
տրամը
հազուադէպ
կ՚ընէ։
Գեղերը
այդ
տրամին
կու
տան
մեծ
զոհեր։
Սպաննուող
երիտասարդը
կը
թաղուի,
երբ
սպաննողը
բանտ
չէ
ինկած։
Մարդիկ
զգոյշ
են
չափուելու
համար
անոր
հետը,
որ
կնիկի
մը
ծոցէն
դանակ
է
սրած։
Ապահարզանը
ամուսիններուն
ձեռքը
խելօքիկ
շանթարգել
մըն
է։
Կիներուն
կտղուցը
անշուշտ
վիզը
անուր
տուող
շունի
մը
չի
նմանիր։
Բայց
թուրքերուն
զգայարանքները
արագ
կը
յոգնին։
Ու
կինը
կ՚ապրի՝
այդ
յոգնութիւնը
սրբելու
գերագոյն
անձուկով։
Անիկա
ինքզինքը
պարտաւոր
է
քառապատկել
ու
դիմանալ։
Նոյնիսկ
արգանդէն
դուրս,
բերնի,
աչքի,
զգեստաւորումի
մարզերէն։
Փոքր
ձանձրոյթը,
կասկածը,
նոյնիսկ
արուն
դիմաւորող
ժպիտին
մէջ
տարտամ
բեկում
մը
դուրս
կը
նետեն
կինը
էրկանը
տունէն։
Գուցէ
այս
անպաշտպան
վիճակն
է
պատճառ,
որ
կիները
ըլլան
վրէժխնդիր
եւ
սպաննեն։
Թուրք
երիտասարդը
բանտ
կ՚իյնայ
աղջիկի
համար,
բայց
ասոր
արու
պաշտպաններուն
հետ
իր
բախումէն
տապալած։
Հանգստեան
կոչուած
հարիւրապետին
պատահարը
հեռու
էր
տրամաթիք
երանգէ։
Անոր
չափահաս
տղաքը,
Պոլիս՝
ուսումի,
ամրան
մէկ-երկու
ամիսը
կը
դառնային
գիւղաքաղաքը
եւ
հազիւ
ատեն
կը
գտնէին
տաքնալու
իրենց
գեղեցիկ
«պզտիկ
մայրիկ»էն,
զոր
ծերուկը
կը
զգուշացնէր
իրենցմէ`
պահելով
նամեհրամին
ամբողջ
օրէնսդրութիւնը
անայլայլ
արդարութեամբ
մը։
Անիկա
կը
հետեւէր
ազդեցիկ,
բարբարոս,
իր
ստորագրութիւնը
դնել
չգիտցող
փաշայի
մը,
հակադիր
երեսէն,
օրինակ
գործածելով
վայրագ
այդ
մարդուն
վայրագ
պատահարը,
որուն
համեմատ
փաշան
իր
տղոցը
կիներուն
ծոցը
կը
պառկէր,
բայց
հոդ
երթալէ
առաջ
մոլորած
ըլլալով
տղոցը
թոյլատու
ոգիէն։
Դպրոց
տեսած
այդ
տղաքը
իրենց
կիները
չէի՜ն
կասկածած
իրենց
հօրմէն։
Արդի՞ւնքը։
Ու
հարիւրապետը
կը
նմանէր,
ժողովուրդին
բացատրութեամբը,
նապաստակին,
որ
գլուխը
կը
թաղէ
տերեւներու
դէզի
մը
մէջ,
բայց
յետոյքը
կը
ձգէ
բաց։
Անոր
տղաքը
կը
դառնային
Պոլիս`
տանելով
իրենց
հետ
քիչիկ
մը
զուարթութիւնը,
զոր
քաղցր
տարիքը
կ՚արտածորէ
իրմէն,
բորբոսած
պատերուն
եւ
ծերութեան
աղովը
կծուացած
մթնոլորտին։
Ու
գիւղաքաղաքը
կը
դատէր
նոր
դրուագը
թաքուն
հաճոյքով,
գոհունակութեամբ։
Պաշտօնի
վրայ
ամէն
հարիւրապետ,
մա՛նաւանդ
ամուրի,
վտանգ
մըն
է
ամէն
տեղ։
Ու
էրիկները
ուրախ
էին,
որ
ծերուկին
կինը
զայն
կը
պահէր
սանձած`
պահելով
անուղղակի
իրենց
տուները։
Սերոբէ
էֆէնտիին
եւ
հարիւրապետ
պէյին
տեսակցութիւնը
կատարուեցաւ
գաղտնի,
այսինքն՝
հրապարակային։
Հետեւած
էր
անոր`
առանց
բառի։
Քաշուեցան
պալատին
առջեւէն`
սպրդելու
համար
աղբիւրին
կռնակի
պարտէզը,
պետական
կալուած,
կեդրոնը
ունենալով
ընդարձակ
բացատ
մը։
Սպասողական,
վարանոտ՝
խօսելու
համար,
իւրաքանչիւրը
իր
հաշիւներով։
Հանգստաւորին
տունը
կռնակէն
պատուհանով
մը
կը
նայէր
այդ
բացատին,
ուր
կիրի
համար
բացուած
հնձան
մը,
հակառակ
պարպուած
ըլլալուն,
երկու
տարիէ
ի
վեր
չէր
գոցուեր
հարիւրապետին
կարգադրութեամբը։
Մէկ
ոտքը
դրած
քիչ
մը
բարձրկեկ,
կիրով
կոշկոռուած
քարի
մը
քամակին
–
ասպանդակող
մարդու
անգիտակից
դիրք
–,
միւսին
զարնելով
ոսկեկոթ
իր
մտրակը,
անիկա՝
առանց
նայելու,
բայց
առանց
ալ
աչքէն
փախցնելու
ճաղածածուկ
պատուհանը,
մտիկ
ըրաւ
Նալպանտենց
Սերոբը։
Մտիկ
ըրաւ,
վասնզի
կը
ճանչնար
անոր
կինը,
վասնզի
այդ
օրն
իսկ
պէտք
պիտի
ունենար
անոր,
Պոլսէն
ստացուած
հեռագիրի
մը
վրայ,
որ
ստիպողական
քննութիւն
եւ
լոյս
կ՚ուզէր
զգայացունց
ժուռնալի
մը
մասին,
ստորագրուած
հայ
գեղին
քահանայէն։
Լեզուանի
մօրը
տղան
կարծես
թէ
կը
շահագրգռէր
մտախոհ
պաշտօնակալը,
իր
հաշիւներուն
խորը
լրջացած։
Անիկա
ըսած
էր
շատ
բան,
բայց
լռած՝
հիմնականը։
Չէր
գիտեր
միւսն
ալ։
Ու
լռեց։
Անիկա
անխելք
էր
իր
լռութեանը
համար։
Թուրքը
ետ
կը
դառնայ
նոյնիսկ
հոգին
կէս
տուած,
երբ
արգանդի
պատմութիւն
մը
հասցուի
կէս
ճամբան,
անոր
զգայարանքներուն։
-Ուրի՞շ։
-Ողջութիւնդ,
մեր
գլուխին
վրայ։
Հարիւրապետը
չափեց
կէս
աչքով։
Զգաց,
որ
դէմինը
կ՚անգիտանար։
Դարձաւ
անոր
յարուցած
հարցին.
-Ի՞նչ
կ՚ուզես
որ
ընենք։
Անշուշտ
յիմար
պիտի
չըլլար
ձեռնունայն
դարձնելու
աղուոր
այդ
կնիկին
էրիկը։
Կիներուն
գեղեցկութիւնը
հեռուէն
կը
ճառագայթէ
իրենց
այրերուն
վրայ։
Չեն
սխալիր
կեսուրները,
երբ
գեղեցկութիւնը
հոմանիշ
կը
նկատեն
բախտին,
համարժէք
հարստութեան։
Բայց
չէր
հասկցած
Սերոբին
պատմութիւնը։
Անշուշտ
անոր
հետքը
դուրս
էր
պատմուածէն։
Բայց
խօսեցուց
կրկին։
Տասը
վայրկեան
յետոյ
–
ժամանակէն
չենք
նեղուիր,
երբ
սպասումը
տարտամ
է
իր
արդիւնքի
հեռանկարովը
հեռացած
–,
ան
ինքզինքը
զգաց
յստակ
կացութեան
մը
դէմ.
երիտասարդ
մը
կար
մէջտեղը,
զոր
պատուհասելը,
առանց
որեւէ
պատճառի,
արդէն
պետական
պարտականութիւն
էր,
դրուած
իր
ճիտին։
-Ուժո՞վ
է։
Թուրքն
էր,
որ
կը
խօսէր
ոսկեզօծ
զգեստին
մէջէն։
Ան
առաւ
պատասխանը,
խելքը
դրած
պատուհանին,
ուր
շուքի
եւ
լոյսի
խաղ
մը
կը
դողար,
բայց
չէր
բանար
ապակին։
-Կարդալ
գիտէ՞։
-Տիրացու
է։
-Ի՞նչ
է
տիրացուն։
Բացատրեց։
Մենք
ուրիշը
մտիկ
ընելու
ատեն
ի՛նչ
ճարտարութեամբ
կը
գործածենք
մեր
բնազդին
բողկուկները։
Հարիւրապետը
կը
թողուր,
որ
խօսի
կեավուրը,
քանի
պատուհանը
կը
մնար
լուռ։
Խօսակիցը
պահպանակ
մըն
է։
Որքան
ալ
լիրբ
ըլլանք,
կը
պահենք
միամիտ,
տղայ
կողմ
մը։
Անիկա
պէտք
չէր
զգար
մտածելու։
Հեռագիրը
զինքը
նոյն
գիշերն
իսկ
կը
պարտադրէր
«տեղուոյն
վրայ
քննութեան»։
Քոմիթաճին
կախարդ
բանաձեւ
է
ու
կէս
դարէ
ի
վեր
բառը
չէ
կորուսած
իր
յուռութքը,
երբ
այլեւս
հայը
գոյութիւն
չունի
այդ
երկրին
մէջ։
Ան
կը
յառնէ
տարին
հեղ
մը,
հին՝
բայց
առոյգ
յանկերգի
մը
նման,
թերթերուն
բերանէն։
Այս
պատմութեան
օրերուն
անիկա
անորակելի
բան
մըն
էր
գեղերուն
վրայ
(չմոռնալ
պոմպա
ն)։
Հիմա՝
արդարութիւնը,
ազգերու
խղճմտանքը
հեգնելու
դրօշակ
մը,
առաքինի
ու
աղանդաւոր
լրբութեամբ
մը։
Սպասեց
սակայն։
Կ՚ուզէր,
որ
ցուցմունք
գար
Սերոբէն։
Յետոյ
նեղուած,
աչքին
մէկը
մանրելով
–
անոր
ցուցատախտակէն
Աղուորին
մարմի՞նը
կ՚անցնէր
–
հարցուց.
-Տունին
մէջ
սանկ
բանե՞ր
մը։
Շատ
լաւ
գիտէր,
թէ
ի՛նչ
բանի
կ՚ակնարկէր։
Սերոբը
սարսռաց
մինչեւ
ողնածուծը։
Ան
լուր
չունէր,
թէ
ինչու
հարիւրապետը
անցած
տարի
«արձակուրդով»
Պրուսա
կը
գտնուէր։
Հիւրասիրած
էր
զայն
Ջերմուկները,
Աստուած
գիտէ
ի՛նչ
սիրտով։
Բայց
պառաւը
ջախջախած
էր
թուրքին
յարձակողականը,
կոշտ
ու
կոպիտ՝
իր
զգոյշ
եւ
նոյն
ատեն
համարձակ
խաղարկութեամբը։
Հաճի
Աննան
վալիին
դէմն
ալ
չէր
վախնար
ելլելէ։
Պառաւը
արգիլած
էր
հարսին
երեւնալ
հարիւրապետին
կազմակերպած
խնճոյքին։
Ու
այսքան։
Սերոբը
գլխու
հաստատական
շարժումով
մը
ստիպուեցաւ
լրացնել
հարցումին
առկախ
մասը։
Յետոյ
նման
ամէն
տառապողի,
որ
միշտ
քիչ
ըսած
ըլլալ
կը
կարծէ,
երբ
աւարտած
է
իր
սիրտին
մերկացումը,
աւելցուց,
թշուառ
ու
եղկելի՝
-Կարմիր
զանգակ
մը
ճիտէն։
Ընթացի՛կ
բացատրութիւն,
որով
իրար
կը
ճանչնային
լրտեսներն
ու
ոստիկանները։
Ընտանեբար
կը
թելադրուէր
գեղի
քերծէներուն
աս
ու
ան
մկրտել
այդ
զանգակով,
որ
կը
փոխաբերէր
առաջին
յեղափոխական
կուսակցութիւնը,
գործած՝
այդ
շրջանին,
տեղը
տուած
ուրիշին։
Բայց
բառին
հմայքը
կը
մնար։
Ու
հայանուն
արբանեակները
պետական
մարդոց
քաղցր
հեգնութեամբ
մը
իրար
կը
լզէին։
-Աստուծով…
ինշալլահ
։
Հարիւրապետը
դատած
էր
պատահարը։
-Փատիշահին
հրամանով…
Անդիմադրելի,
երկիւղած,
բնազդական,
երեսուն
տարի
թուրքերուն
կայսրութեան
մէջ
բան
չկատարուեցաւ
առանց
այդ
հրամանին։
Այդ
օրերը
ապրողը
միայն
գիտէ,
թէ
ի՛նչ
առհաւութիւն,
ի՛նչ
խռովք
կը
զատուէր
այդ
նախադասութենէն,
երբ
պաշտօնապէս,
տարեդարձներու,
պայրամներու,
ջարդերու
նաւակատիքին
զայն
արտասանող
բերանը,
շրջապատուած
զօրականներէ,
խուժանէն,
փաթթոցներէ
եւ
վայելչազգեստ
պաշտօնատարներէ,
ակռաները
կը
կճրտէր,
իր
առջին
շղթաներու
մէջ
ծնրադիր
թշուառականի
մը
վրայ,
հայո՛ւ
մը
կտոր։
Մե՞ղքը։
Աւելի
ետք,
մեծ
փողոտումին
պիտի
գիտնայինք
ատիկա։
Այդ
օրերուն,
այսպէս
սկիզբ
կ՚առնէին
դասական
ամբաստանութիւնները,
որոնց
դերն
էր
կեդրոն,
այսինքն՝
գազան
կանչել
տաքկռնակ
ու
դուրս-փոր
դրացի
ները
քրտնցնել,
իւղ
առնել
ու
դուրել
։
-Անունը։
-Սողոմ։
Հարիւրապետը
բաւական
կը
ճանչնար
հայ
գեղերը`
հաւատք
ընծայելու
չափ
վարձուոր
մշակ
տղոց
տեսակարար
կշիռին։
Ի՜նչ
իւղ՝
օտարին
ծախուած
այդ
մարմիններէն,
բացի
ընդհանուր
շահէն,
որ
հայու
մը
կորուստը
կ՚երաշխաւորէ
ամէն
հարազատ
թուրքի։
Ինչպէ՜ս
չհասկցանք
սրբազան
պատգամը
ու
հաւատացինք։
Մնաց
որ,
աղքատութեան
մարզերէն
բոլոր
բերուածները
բանտին
մէջ
ծեծ
ուտելէն
անդին
արժանիքի
մը
չէին
անցներ։
Հայր
չունենալնին
պատճառ
էր,
որ
բանտին
ու
պալատին
անցքերը
ողողուէին
կնոջ
շնորհէն
տարագիր
ձեւերով,
մայրե՛ր,
ասոնք,
որոնք
կու
լային,
անցնող
ու
դարձող
ոստիկանին
ու
փաթթոցովին
ոտքերը
կը
համբուրէին
եւ
իրենց
տղաքը
կ՚ուզէին
այնքան
սրտառուչ,
որ
թուրքերուն
աչքին
անգամ
արցունք
կու
գար։
Ուրիշնե՞ր։
Այսինքն՝
իբր
մեծ
յեղափոխական
բանտ
նետուած
պանդուխտ
հայերը,
Մուշէն,
Կարինէն,
Վանէն,
որոնք
ծեծէն
ալ
չէին
յուզուեր
ու
կը
մնային
պառկած,
գանակոծումէն
յետոյ,
օրերով
հոգեվարք,
բայց
շաբաթէն
նստո՜ղ`
ուտելու
համար
հացը
թագաւորին։
Ոճիրի,
անարգօրէն
ու
լայնութեամբ,
անվախ
գործադրումով
ոճիրին
այն
ընդարձակ
պատրաստութիւնը,
որով
անմահանայ
պիտի
915ի
սերունդը,
դեռ
այդ
օրերուն
սկիզբի
վախերը
ունէր։
Բոլորն
ալ
գրեթէ
դահիճ,
բայց
բարեպաշտ,
կը
հաւատային
Մարգարէ
ին
եւ
աւելորդ
արիւնը
հարամ
էր
անոնց
տունին
զաւկըներուն
վրայ։
Ջարդերը,
կրօնական
եւ
ազգասիրական
խոշոր
հանդէսներ,
պարզ
իրենց
տօնական
ու
առհաւական
նկարագրովը,
արդար
արարքներ
էին՝
արժանի
խղճմտանքի
մեծ
խաղաղութեան։
Տաճկցողնե՞րը։
Ինչպէ՞ս
հաւատալ
այս
անխելք
ազգին։
Օրինակը՝
շատ
թարմ։
Անմիջապէս
որ
սարսափները
ինկեր
էին
իրենց
թափէն,
անոնք
ի՜նչ
երջանիկ
յիմարութեամբ
լքեր
էին
երկնային
ու
երկրային
վայելքները
եւ
դարձած
իրենց
խոզանոցներուն։
Բանտերէ՞ն։
Գազային
արձանագրութիւնները,
քսան
տարիէն
ասդին,
մէկ
հատիկ
իսկ
դատապարտեալ
չէին
ներկայեր,
որ
յօժարէր
արդար
հաւատք
ը
ընդունելու,
գլխուն
իսկ
գնովը։
Հարիւրապետը
դժկամ
էր`
հետեւելով
այս
մտածումներուն։
Յիշեց
երկու
տղայ,
որոնք
96ի
սպանդին
խզել
էր
տուած,
վերմակներուն
տակ,
բանտարկեալ
թուրքերուն։
Բժիշկը
զանոնք
ներկայացուց
բնական
մահուամբ
մեռածներ։
Բայց
չէր
հաւատար
անոնց
մեռնելուն,
երբ
դուրս
հանեցին
կիսամութին։
Ու
դողդող
մոմի
մը
տակ
նայեցաւ
անոնց
բաց
աչքերուն`
արիւնէ
աստղերու
նման
ճառագայթող
ու
խօսուն։
Ի՜նչ
պաղ
էր
մխուած
ուղեղին…։
Հեռուէն
գեղացի
մը
խոշոր-խոշոր
կը
հայհոյէր
իր
իշուն։
Խնդաց
ձայնին
մէջ
թաւալող
պատկերներուն
համար
ու
դարձաւ
Սերոբին։
Զայն
շահագրգռող
երկու
ազդակները
–
կինն
ու
ոսկին
–
կը
պակսէին
պատահարին։
Պառա՞ւը։
–
Ողջ։
Թուլցաւ
անիկա։
Հարցումները
եղան
աւելի
տարտամ,
կարճ։
Կը
խուսափէր։
Առանց
պատուհանի
մագնիսին՝
ան
շատոնց
հեռացած
պիտի
ըլլար
բացատէն`
ձգելով
մատնիչը
կիրի
հորին
գլխուն։
Զգաց
այս
թուլացումը
Սերոբէ
էֆէնտին։
Անոր
կը
մնար
լքել
գործը
կամ
քիչ
մը
աւելի
բանալ
խաղքութիւնը
իր
տունին։
-Դանակ
քաշեց։
-Որո՞ւ։
Ջերմ
էր
հարցումին
թոնը։
Դանակէն
դէպի
զէնք
–
հրազէն
–
ճամբան
մէկ
է
միշտ։
Հարիւրապետը
փայլեցաւ
ներսէն։
Հո՞տ
առած
էր,
թէ
պատրաստ
որս
մը
կը
գուշակէր։
Անոր
ներկայացաւ
երրորդ
անգամ
ըլլալով
հեռագիրը,
որ…
Մոռցաւ
պատուհանը
եւ
աւելցուց.
-Մարդ
կա՞ր։
-Ո՛չ։
-Որո՞ւ
քաշեց։
-Ինծի։
-Ինչո՞ւ։
Պատասխանը
ուշացաւ։
Հարիւրապետը
կրկին
մանրեց
աջ
իր
աչքը։
Անոր
ցուցատախտակէն
Աղուորին
մարմինը
կ՚անցնէր։
-Կնկա՞յ
խնդիր։
-Այո՛։
-Ո՞վ
տեսաւ։
Ժպտագին,
խորապէս
հեշտախոյզ
էր
անոր
բերանը։
Սերոբէ
էֆէնտին
վկայ
բերաւ
մայրը,
ինքզինքը,
այնքան
ջերմ
ու
իրաւ,
այնքան
պերճ
ու
մանրամասնութեամբ
փրկուած
պատկերացումով,
որ
թուրքը
թափանցեց
պատմումին
իմաստին։
Անշուշտ
յստակ
չէին
իրադարձութիւնները,
քանի
որ
պատճառը
դեռ
կը
մնար
մութ։
Բայց
պարզ
էր
Աղուորին
դերը
այս
«պարապ
բանին»
մէջ։
Բռնապետութեան
շրջանին
այդ
գիւղերուն
մէջ
կոտորած
եւ
ուղղակի
բռնաբարում
տեղի
չունեցան։
Բայց
երեւան
եկան
Սերոբին
գիծէն
մարդեր,
որոնք
իրենց
տուներուն
մէջ
առին,
հիւրասիրեցին
աս
ու
ան
պաշտօնատարները
ու
իրենց
փոքր
շահերուն
համար
իրենց
կիները
գործիք
կեցուցին։
Հարիւրապետը
գիտէր
անունները։
Գիտէր
աւելին
ալ,
այսինքն՝
ալպանացի
պահապաններուն
բնակարան
տուող
թշուառական
գեղացիներ,
որոնք
բիւրեղի
պէս
(գեղացին
կ՚ըսէր
պիլլոր
ի
պէս)
կնիկ
ունէին`
բաժնուած
անկողինով։
Ասիկա
թաքուն
հաճոյքով
հետեւեցաւ
Սերոբին,
որուն
շրթները,
թրթռագին
դալկութեամբ՝
անհուն
նախանձ
ու
կատաղութիւն
կը
հեղուին։
Յետոյ,
աւելի
խորապէս
վայելելու
համար
գինովութիւնը
այս
խռովքին
–
սեռէն
դուրս,
արիւնն
է
միայն,
որ
կը
գրգռէ
թուրքը
եւ
կը
նուաճէ
–,
լուրջ՝
բայց
կեղծ,
հարցուց.
-Ինչո՞ւ
դանակ
քաշեց։
Խուսափո՜ւմ։
Կարելի
չէր
սակայն։
Մտմտաց
Նալպանտենց
Սերոբը
եւ,
դանդաղ
ու
կէս,
կը
պատրաստուէր
բերանը
բանալ,
երբ
տունին
չտեսնուող
երեսէն
դուռ
մը
գոցուեցաւ։
Հարիւրապետը
սարսռաց`
աննշմար
ըլլալու
ճիգէ
մը
դեղնելով։
Փեղկին
զարկը,
հանդարտ,
արեւին
մէջ
տարածուեցաւ
ու
հեռացաւ`
տխուր,
սրտի
դպող
ու
աղտոտ։
Ձայնին,
ճիչին
այս
ժանգը
իրերէ՞ն,
թէ
մենէ
կու
գայ։
Ինչու
անոնք
երբեմն
տեղաւորուին
զգայութեան
այս
երանգին
մէջ
եւ
երբեմն
հագնին
տօնական,
կապոյտ
վարշամակում։
Ո՞վ
էր
ելլողը։
Հարիւրապետը
քշուած
էր
դէպի
պողոտան,
այսինքն՝
պարտէզին
անծառ
մասը,
որ
տօնավաճառի
օրերուն
սայլերը
կ՚ընդունի։
Ծերուկն
էր։
Գաւազանը
անցուց
ձախին,
համազգեստը
նշմարելուն,
արդէն
հանդարտ
մը
կամարած
իր
կռնակը
գրեթէ
ծալելով
երկուքի`
փոխարինելու
համար
թուրքերուն
թէմէննահ
ը
։
Ու
պաշտօնական
փոխասացութիւն,
համաբառ
ու
նոյնաշեշտ,
երկու
հարիւր
տարի
առաջուընէ
պատրաստուած
տարազներով։
Որ
յարգանքը
կը
նուաստացնէ,
կը
տաճկըցնէ
եւ
վիրաւորիչ
է
խոր
իր
կեղծիքով,
նոյնիսկ
հաւասարէ
հաւասար։
Զայն
դաշնաւորած,
բարքերու
քաթեշիզիմի
է
վերածած
թուրքերուն
վարչական
մեքենան`
նկատի
ունենալով
շատ
մը
ազդակներ,
որոնց
կարգին
գուցէ՝
գերիներուն
պատշաճող
եւ,
ազատը,
իշխողը
ցայտեցնող
բազմադարեան
տարազը,
ա՛ն՝
զոր
թուրքերը
գործածեցին
զգեստին
ալ
վրայ,
երբ
շփումի
մտան
անազատ
տարրերուն
հետ։
Հողի,
փոշիի,
ոտքի
սեմի,
ձիու
ասպանդակի
փոխաբերութիւնները,
որոնք
ծառաներուն
հոգեբանութիւնը
կ՚արտաբերեն,
դեռ
յիսուն
տարի
առաջ,
անոնց
գրականութեան
մէջ,
երբ
իշխողներուն
կը
ներկայացնեն
իշխուածներու
աղերսանքը,
թուրքէ
թուրք
ստեղծած
են
անոնց
սալոն
ական
խօսակցութիւնը։
Ծերուկն
ու
հարիւրապետը,
արաբերէն
բառերուն
վրայ
իրենց
կոկորդները
կոտրտելով,
մա՛նաւանդ
իրենց
դաստակները
յոգնեցնելու
չափ
ճօճելով
խօսեցան
հինգ
վայրկեան։
Ու
նիւթն
էր
ազգին
համար
պիտանի
առողջութիւնը
թանկագին
զոյգ
հարիւրապետներուն։
Ծայրայեղօրէն
կծծի,
իր
փորէն՝
ինչպէս
ձեռքէն,
զրկելով
ինքզինքը
ու
իր
տունը
–
իր
տղաքը
ձրիաթոշակ
ուսանողներ
էին
–
ու,
մա՛նաւանդ՝
կինը,
անիկա
բռնուած
էր
քիթէն,
այդ
մոլութեան
իսկ
գնով։
Եթէ
շողոքորթութիւնը
մեծագոյն
ռահահորդն
է
ուրիշներուն
դէպի
բերդերը,
առատաձեռնութիւնը
վար
չի
մնար
անկէ։
Հարիւրապետը
փոքր
շնորհներով՝
որսէ,
գողօնէ,
կողոպուտէ,
գգուած
էր
անոր
բնազդները։
Կէս
դար
ամբողջ
միայն
ու
միայն
առնելու
վարժուած,
անվճար
ապրելով,
երեք
անգամ
ուրիշին
դրամովը
հաճի
ըրած
այդ
մարդը
երախտագէտ
զգացումներով
բացաւ
իր
դուռը
իր
յաջորդին։
Համազգեստ,
սուր,
սպասաւորներ,
որոնք
պաշտօնին
թափօրը
կը
շինեն,
կարծես
դեռ
կը
յամառէին
չլքել
իր
դուռը,
հոգ
չէ
թէ
ուրիշի
մը
անձէն։
Դէպի
կնի՞կը։
Բայց
ո՛ր
ճամբան
չի
տանիր
դէպի
կնիկը,
երբ
ճամբորդները
ըլլան
երիտասարդ,
յամառ
ու
կորովի։
Կանանոցը՝
խոշոր
ու
տգէտ,
գրեթէ
զինուորական
կազմակերպութիւն
մըն
է,
գերուհիներու
արգելափակման
օրերը
պատմող,
երբ
յաղթականը
քաղաքի
մը
կիները
կը
նետէր
բանտի
մը
մէջ
ու
պահակներու
կը
յանձնէր
անոնց
վայելքն
ու
պահպանութիւնը։
Դարեր
անցան
եւ
կիները
ստեղծեցին
իրենց
սեռին
ղեւտացիները։
Մեր
օրերուն
ամէն
պէյի,
փաշայի,
քիչ
մը
աղայի
բնակարաններէն
ներս
տրցակ-տրցակ
կը
համրուին
այն
անորակելի
արարածները,
որոնք
ո՛չ
կին
են
եւ
ոչ
ալ
այր։
Պաշտօնական
ներքինին
չէ
հոս
խնդրոյ
առարկայ
տիպարը։
Ասոնք
աղջիկներ
են,
յաճախ
սեւամորթ,
տառապէս
գերուհի,
գնուած
հաճի
ընող
բարեպաշտ
հաւատացեալներու
վեցամսեայ
կիներէն,
Մեքքէ
կամ
Մետինէ,
ու
բերուած
ծախուելու։
Հասկնալի
է
ասոնց
նուիրումը
իրենց
խանումներուն,
երբ
կը
մտնեն
անոնց
սեռային
կեանքէն
ներս։
Ուրիշ
անգամ՝
որբուհիներ,
հեռու
ու
մօտ
ազգականներէ։
Կը
յոգնին
հանըմներուն
հիները,
կը
մնան
անոնց
թանկագին
գործիքները,
ծեծ,
թուք,
մուր
ուտելով,
բայց
ծառայելով
տունին
հանըմին
հաւատարմութեամբ
մը,
զոհողութեամբ
մը,
երբեմն
հերոսութեամբ
մը,
որ
զինաթափ
կ՚ընէ։
Ու
անոնք
միշտ
միասին
կը
քալեն
երիտասարդ
կիներուն
հետ։
Անոնք
են,
որ
կը
հարթեն
ճամբաները
բոլոր
հարիւրապետներուն։
Զուրկ
դէմքէ
–
գեղանիները
արդէն
չեն
իյնար
այս
արգելանքին
–
զուրկ
ձայնէ
–
զրկանքը
զիրենք
խորամանկ,
նենգ
ու
հաշուող
է
ըրած
–,
պիտի
ըսեմ՝
նոյնիսկ
սեռէ,
խեղանդամ,
հեռուներէն
հիւանդ,
անոնք
մարմին
ըլլալէ
շատ
աւելի
ուղեղներ,
եւ
կ՚օգտագործէին
իրենց
խելքը,
հնարիմաց
սատանութիւնը
անհաւասարելի
դաւադրութեանց։
Հարիւրապետը
անոնց
հնարքովն
էր,
որ
մտաւ
ծոցը
տունին
հանըմին,
առաջին
անգամ,
երբ
ծերուկը
պաշտօնական
ընդունելութիւն
էր
սարքած
իր
սէլամլըգ
ին
մէջ։
Իր
յառաջացած
տարիքին
պատճառով
հանգստաւորը
իր
սրահի
մուտքէն
կ՚ընդունէր
այցելուները։
Դրան
ծերունի
պահնորդը
կռնակին
պարտաւոր
չէր
աչք
ունենալու։
Ու
սպասուհիներուն
կարգադրութեամբը
երիտասարդ
հարիւրապետը
մտաւ
ներս,
առանց
դուռը
զարնելու,
զայն
գտնելով
բաց
իր
առջին։
Բայց
ուղղուելու
փոխարէն
դէպի
որբերու
բաժինը,
թեթեւ
մը
շեղեցաւ
դէպի
խորքը,
անցաւ
կանանց
բաժինը,
հոնկէ
քառորդ
ժամ
յետոյ
մտնելու
համար
սէլամլըգ,
ուր
արդար
փառքով
մը
ծերունին
մեծարեց,
թրքական
քաղաքավարութեան
գեղեցկագոյն
ծաղիկներովը։
Այդ
օրէն
անիկա
տէրն
էր
բերդին։
Սպասուհիները
կը
փոխադրէին
բերանացի
խորհուրդներ։
Ձեռքը
առատ,
գեղանի,
երիտասարդ՝
հարիւրապետը
վախ
չունէր
ներսէն։
Ան
կը
վայելէր
հաճութիւնը
կառավարական
շրջանակին,
մեզի
ծանօթ
պատճառներով։
Խօսեցան։
Կէսօրուան
–
աղօթքին
–
ժամանակ
կար
դեռ։
Ծերուկը
իրաւունք
տուաւ
պէյին։
Բայց
կիսաժպիտ,
մօրուքը
շոյելէն,
պատմեց
նարկիլէ
էն,
որուն
ժամը
հնչած
էր
արդէն։
(Ան
ժամացոյցը
նայեցաւ)։
Հարցուց
նոր
բերուելիք
կիրին
քանակէն,
ուրկէ
կը
նեղուէր
հազին
համար։
Քիչ
մը
զգոյշ՝
քաղաքականութենէն,
հակառակ
անոր,
որ
կ՚անգիտանար
կեավուրին
գոյութիւնը,
որ
տուած
էր
կռնակը
թաւուտքի
մը։
Թուրքին
այս
զգայարանքը,
պետական
զգայարանքը
ապշեցուցիչ
իմաստութեամբ
մը
կը
գործէ,
մա՛նաւանդ
հանգստեան
կոչուածներուն
մօտ։
915ին
տեսանք
ատոր
փաստը։
Ուրբաթ
գիշերուան
համար
ընդունեց
հարիւրապետին
հրաւէրը
միասին
թէյ
առնելու։
Ու
քաշուեցան,
երեք-չորս
քայլ,
տակաւին
շարունակելով
թէմէննահը,
ինչպէս
մաղթասանքը։
Հարիւրապետը
դարձաւ
իր
կրունկներուն
մինչեւ
հորը։
Մէկէն
Նալպանտենց
Սերոբը
աւելորդ,
նեղիչ
բան
մը
դարձաւ,
գրեթէ
ինքիրեն,
առանց
որ
հարիւրապետին
դէմքէն
զգալի
ըլլար
նշոյլ
մը
սրտնեղութեան։
Խօսք
չունէին,
իւրաքանչիւրը
սեփական
պատճառանքով
մը։
Սերոբը
գիտէր
պատմութիւնը։
Գլուխը
կախեց
գետին`
չնայելու
համար։
Իրաւ
ալ,
զինուորական
անփութութեամբ
մը՝
անիկա
ցոյց
տուաւ
ճամբան
եւ
աւելցուց.
-Քիչ
մը
ետքը
կը
տեսնուինք։
Ձգած
էր
բացատը,
կորսուելու
համար
թաւուտներու
շարքի
մը
մէջ,
որ
կը
յանգէր
տունին
պատին։
Նալպանտենց
Սերոբը
չհամարձակեցաւ
գլուխը
դարձնել
ետին`
հետեւելու
համար
խուսափող
զինուորականին։
Օր-ցերեկով
այս
գայթակղութիւնը
ան
կը
շփոթէր
խենթութեան
հետ,
ի՛նք
դժբախտաբար
շատ
խելօք,
չափէն
աւելի
խելօք։
Դառնացաւ՝
ստորնանալուն
չափ։
Անշուշտ
իր
դատումները
չելան
յստակ
բանաձեւերու։
Բաներ
կան,
որոնք
տեղի
ունենալէն
առաջ
մեր
շահագրգռութիւնը
կամ
չէզոքութիւնը
ապահոված
կ՚ըլլան
իրենց։
Մեղքին
կը
փոխուի
միայն
կաշին։
Մէկը
կը
մտնէ
ծոցը
ուրիշի
մը
կնիկին,
գրեթէ
ամէնուն
աչքին
առաջ։
Ուրիշ
մը
կը
մտնէ
իր
ծառային
արիւնին,
իր
խղճմտանքին
նայուածքին
առաջ։
Արդիւնքին
մէջ
այս
արարքները
քիչ
կը
տարբերին։
Երբ
վերցուց
աչքերը,
մինակ
էր։
Փողոցին
մէջ,
որ
կոխկռտուած
արտ
մըն
էր,
երկու
եզրերէն
ջուրի
ուրդերով՝
անիկա
զբաղեցաւ
–
պահ
մը
ինքիրմէ
գանիլը
մոռնալու
համար
–
ջրակոյտերով,
առուակի
երկօրեայ
հոսումովը
գոյաւոր,
որոնք
կանանչ
մանեակ
մը
իրենց
շրջագիծին,
արեւուն
տակ
կը
փռէին
գորշ
տրտմութիւնը
ճախճային
մարզերուն։
Շոգ
կը
տոժկէր
անոնց
երեսը
եւ
պտղած
աչքի
սառնենիին
նման
կամարիկներ
կը
շարէր
մանեակի
ծիրին,
բոժոժիկներ,
տղմագիծ
ու
վիրաւոր,
բայց
աղտով
գեղեցկացած։
Բադեր,
ականակուռ
ու
ոսկեհիւս,
ծիրանի
եւ
ձիւնափառ,
խուզարկելու
վրայ
ալքերը
այն
կոյտերուն,
յաճախակի
ճճի
մը
կախելով
իրենց
կտուցէն,
կիսած
մէջտեղէն,
ինչպէս
նժարէ
մը։
Ու
անոնց
կիսափակ
աչուկները
ի՜նչ
հեշտագին
նուաղումով
մը
կը
խորանային
շարաւանքի
այդ
խոյզն
ի
վար։
Հոգի՞ն։
Ո՜ր
կտուցը
պիտի
չգարշէր
երբեմն
խառնելու
ալքերը
մեր
հոգիներուն։
Ու
դեռ
չենք
ընդունիր,
որ
ճճին
մերկ
ու
անմեղ
արարած
մըն
է
ու
իր
թոյլ
միսէն
զատ
աղտ
ալ
չունի
թուխսի,
թթուի
դրած
իր
ներսը։
Մե՞նք։
Անիկա
կը
նայէր
ու
չէր
մտածեր։
Կը
զղջա՞ր
թուրքին
թաթը
ինկած
ըլլալուն։
Բայց
դաւաճանն
ալ
մարդ
է,
միայն՝
քիչ
պահով։
Ան
գտաւ
ինքզինքը,
երբ
իր
անցեալը
դարձաւ
իր
վրայ`
մուշտակի
մը
նման։
Ուրիշին
մտածելու
ատենը
չէր։
Զայն
պրկեցին,
զօրացուցին,
անգութ
ըրին
նոյն
այն
զգայութիւնները,
որոնք
ուրիշի
մը
մէջ
գորովանք
կամ
տկարացում
կը
ստեղծեն։
Ու
գիւղաքաղաքը՝
կէսօրուան
սա
շողուն,
որ
ծանր-ծանր
վեր
կը
սուզուէր
լիճէն
ու
ափնադիր
ճախիններէն,
թուրք
էր,
նման
անոր
հոգիին,
ծանր
ամայութիւն
մը
բացուածքէ
բացուածք,
կ՚անշարժանար,
ընկճուած
արեւէն,
պղտոր՝
յատակէն,
ուր
կ՚աշխատէին
տոտիկներն
ու
թեւերը
ջրային
թռչուններուն,
հաւերուն։
Այս
գոլին
ու
փոշիին
ընդմէջէն
տարածութիւնը
կ՚աւրուէր,
ինչպէս
իւղէ
դէզ
մը,
կրակին
վրայ
տապակի
մը
մէջ։
Բայց
ձեւերը
չէին
շինուեր։
Ի
զուր
փորձեց
անիկա
ծանօթներ
սեւեռել,
հեռուներէն
գուշակուող,
բայց
մօտէն
օտարական
դարձող,
կարաւանիկներէն,
որոնք
փողոցի
զանազան
բերաններէն
հրապարակ
կը
թափէին։
Քանի
մը
տան
առջեւ
տնտնաց։
Անոնք
կը
պատկանէին
ծանօթներու,
որոնք
սանկ
ու
նանկ
պաշտօնեայ,
նեղ
օրերու,
տոկոսով
դրամի
համար
զինքը
առած
էին
ներս։
Բայց
օր-ցերեկով
կարելի
չէր
ափ
երկարել
անոնց
աղխերուն։
Կիները՝
այնքան
դիւրամատոյց,
անգամ
մը
ներս
մտած
մարդոց,
դժխեմ
բարբարոսութեամբ
մը
կը
զգետնէին
ամէն
օտարական,
որ
համարձակէր
սանկ
շեշտ
մը
նայիլ
իրենց
երեսին,
փողոցին
վրայ,
ո՛ւր
մնաց
տուներուն
առջին։…
Ինչո՞ւ
չէր
դառնար
սրճարան,
ուր
բազմութիւնը
կը
յորդէր
արդէն։
Ձեռքերը
մէջքին
կապ՝
ան
կը
սլքտար,
ու
մտովի
կը
պատկերէր
տեսարանը,
ուր
չքաւորութիւնը,
անկարութիւնը,
երբեմն
քարն
իսկ
գութի
շարժող
դժբախտութիւնը
պլլուէին
պիտի
իր
ոտքերուն
ճար
մը,
ճարակ
մը
հայցելով
իրենց
դաւերուն,
արենակից
ու
ազդեցիկ,
հայ-քրիստոնեայ
Սերոբէ
աղայէն։
Մինակ
իր
գեղէն
բանակ
մը
թշուառութի՜ւն։
Ու
ասիկա
ամէն
օր։
Արդարութիւնը,
ա՛ն՝
որ
Հայկական
ջարդերէն
ետքը
դարբնուեցաւ
յատկապէս
մեր
ժողովուրդին
կարիքին
համար,
մարդերը
աս
ու
ան
պատրուակով
կը
քաշէր
հոս
իրենց
գեղերէն,
բռնի,
վիզէն
օղակապ
անցուցած
կենդանիի
մը
նման
ու
կը
ձգէր
սրճարանին
բացերը,
մինչեւ
որ
փաստաբան
մը,
ոստիկանի
կտոր
մը
թաթ
զարնէին,
կեռ
մխէին
անոնց
խեղճութեան
եւ
օրուան
հացն
իսկ
չունեցող
այդ
թշուառականներէն
քամէին
անոնց
հոգին…։
Գեղացի՛ն,
որ
իր
կռնակի
չուխան
կու
տայ
եւ
բոպիկ
կը
յօժարի
չորս
ժամ
քալել,
հերիք
է,
որ
խաբեբային
մէկը
խոստանայ
իր
զաւակը
հանել
բանտէն։
Անոնք,
որ
այս
տողերը
կը
կարդան
ազատ
երկրի
մէջ,
դժուար
պիտի
պատկերեն
տեսարանին
անորակելի
տրտմութիւնը։
Թուրքը
աւելի
գեղեցիկ
էր
երբ
կը
ջարդէր։
Վասնզի
կա՛րճ
էր
առնուազն։
…
Ինքզինքը
գտաւ
կրկին
պալատէն
ներս։
Ոտքերը
տարին
զինքը։
Բանտի
բաժի՜նը։
Հիւրասիրուեցաւ
անոր
վարիչէն,
ինչպէս
միշտ,
ընկալեալ
կարգուսարքով։
Ծերուկը
հեզութեամբ,
յետոյ
հաճոյքով
մօտեցաւ
իր
պատմութեան,
ուրկէ
զեղչուած
էր
բուն
տրամը։
Հետաքրքրեց
երկու-երեք
իմաստուն,
քարտուղարի
ստուեր,
անգործ
բժիշկը,
որոնք
կարծիքներ
ունեցան,
թելադրեցին
ու
«կարմիր
զանգակին»
պատրաստ
տարազը
փայլեցուցին
իրարու
աչքին։
Քանի
մը
վայրկեանի
մէջ,
Սողոմը
հագաւ
յեղափոխական
ծիրանին,
ճիտին
կարմիր
զանգակը,
ու
եղաւ
մէկը
այն
ահաւոր
քոմիթաճիներէն,
որոնց
անունը
սարսուռով
իրարու
կը
փոխանցէին
թուրքերը։
Կը
հաւատայի՜ն,
ու
խոր
անկեղծութեամբ
ու
վախով,
իրենց
ձեռակերտը
եղած
սա
սուտին։
Լուր
ղրկուեցաւ
արձանագրութեան
դիւանին
խուլ
տնօրէնին,
որ
տեղակալէն
յետոյ,
քաղաքային
մեծագոյն
պաշտօնատարն
էր
ու
«գեղերը
կը
ճանչնար
իր
տունին
նման»,
ու
կաշառքը
կ՚ուտէր
հացի
տեղ,
տարիքները
զեղչելով,
ողջերը
մեռցնելով,
մեռածները
ողջունցնելով
իր
հրաշապատում
տոմարներուն
մէջ
ու
գլխահարկին
գողօնները
դնելով
վար
կազի
թիթեղներու
մէջ,
ոսկիի
վերածած։
Դաւադրութեան
մէջ
առնուեցաւ
մոլեռանդ
փաթթոցաւոր
մը,
մօրուքէն
աւելի
դեղնած
ու
հոտած
երեսով,
որ
Գուրան
ով
երդում
էր
ըրած
քոմիթաճիները
խորովել
ու
անոնց
ոսկորներուն
փոշին
իսկ
արժանի
չընել
գերեզմանի
եւ
որ
անհաւատները
անճիտելու
համար
պիտի
չվարանէր
գիւղաքաղաքը
բանտի
վերածել
ու
թափել
անոր
մէջ
շրջանի
բոլոր
շունչերը
–
ո՜վ
ախորժակն
ու
իմաստութիւնը
ցեղին,
որ
քառորդ
դար
առաջ
իր
այդ
խրտուիլակ-հրէշ
պաշտօնեային
իսկ
խորքը
գերագոյն
իր
երազը
իբր
միգամած,
օր
մը
նիւթ
ըլլալու
սահմանուած
ոճրաշամանդաղ՝
սեւեռած
կը
պահէր,
ու
դարէ
դար
ինքզինքը
կը
սրբագրէր
իր
պապերուն
մռայլ
ցուցմունքովը
–
ու
անոր
երիտասարդները
գառագեղել,
աղջիկները
բաժնելու
համար
տասնէն
իննսուն
տարեկան
բարի,
սուրբ
միւսլիւման
ներուն։
Բանտապահը,
մօրուքին
ու
կանանչ
փաթթոցին
վկայութեամբը,
հանդիսաւորապէս
կը
ստանձնէր
այդ
«անկրօն»
լակոտին,
այդ
«ապերախտին»,
այդ
«փիճ
օղլու
փիճ»ին
արդար
ու
վայել
պատուհասումը։
Հոգեբանական
էր,
որ
ծերունին
դուրս
ըլլար
Նալպանտենց
տունին
եղեռնէն։
Իրեն
համար
բաւ
էր,
որ
դէպի
բանտ
շուք
մը
երերար։
Անիկա
այդ
շուքը
կը
վերածէր
մարդու։
Կը
ճարէր
բանաձեւ
ու
յանցանքներու
քաղուածք
մը։
Ան
ապահովցուց,
իր
ազդեցութեան
միջոցները
թուեց։
Հաճի
Արթինին
թոռան
թոռը
կրնար
հանգիստ
իր
տունը
դառնալ։
Վաղը,
միւս
օր,
ոստիկանները
երբ
«գործով»
երկննային
իրենց
կողմը,
զոյգ
ձեռնարկով
պիտի
քշէին
դէպի
բանտ
այդ
քեաֆիր
օղլու
քեաֆիրը»,
«
հընզըր
օղլու
հընզըր»։
Չգնաց
սակայն։
Կ՚ուզէր
անգա՞մ
մըն
ալ
իյնալ
հարիւրապետին
աչքին։
Իրականը
ան
էր,
որ
Թահսին
էֆէնտին
զինքը
անպատճառ
վար
կը
դնէր,
ցերեկին
համար,
«շատ
կարեւոր»
հարցի
պատճառով։
Սենեկապանը
հաղորդեց,
իր
կողմէ
գիտնալ
կարծեց,
բայց
ոչինչ
բացաւ
«կարեւոր
գործէն»
ու
հեռացաւ։
Մինչեւ
կէսօր
թափառեցաւ։
Տուաւ
քանի
մը
աննշան
մանրամասնութիւններ,
ապահովութեան
պաշտօնեայի
մը,
սո՛ւտ՝
բոլորն
ալ,
բայց
անհրաժեշտ,
որպէսզի
թիապարտ
պաշտօնեան
լեցնէր
իր
մեծին
պահանջած
ժուռնալը
եւ
սպասեց
կէսօրուան
դադարին։
Գտան
զինք
Թահսին
էֆէնտին,
յիսնապետ
մը,
երկու
չաւուշ
։
Կարճ
եղաւ
խորհրդակցութիւնը։
Նալպանտենց
Սերոբը
յայտնապէս
յուզուած
էր։
Բայց
չկրցաւ
ազատել
ինքզինքը։
Յետոյ՝
զգուշութեան
համար
առաջարկեց,
որ
թափօրը,
այսինքն՝
զինուած
մասը,
զատ,
աւելի
ուշ
գար
իրենց
ետեւէն։
Անիկա
կ՚երեւակայէր
տեսարանը,
որուն
կ՚երթային,
բռնուած
հայ
քոմիթաճիները,
որոնք
պիտի
բերուէին
բանտ,
ու
ասիկա՝
հարիւրաւոր
աչքերու
ներկայութեան։
Հասկնալի
էր
աչալրջութեան
պահանջը։
Ընդունուեցաւ
անոր
առաջարկը։
Զինուած
ջոկատիկը
հեռացաւ,
ինչպէս
որ
եկած
էր։
Ու
փակած
քարտուղարին
պոչին՝
անիկա
դուրս
ելաւ
գիւղաքաղաքէն,
բացօք
պարտէզ
մը։
Ի՞նչ
գործ
կրնային
ունենալ
քոմիթաճիները
այս
մարզերուն։
Մտածեց
ու
իր
խելքը
չէր
բաւեր
առեղծուածը
լուծելու։
Հեռուէն
երեւցան
ագարակին
կարմիր
տանիքները՝
կտրտելով
ծառերու
ընդմէջէն
պատը
քանի
մը
տեղէ։
Գիտէր
անոր
որու
պատկանիլը։
Գիտէր
հոն
աշխատող
հայ
ընտանիքը։
Գիտէր
անուններն
ալ
այն
քանի
մը
ուժով
տղոց,
որոնք
հսկայակազմ
ու
սրտոտ,
մաքսանենգութեան
բերումով
կ՚ապաստանէին
ագարակին
ճահիճներուն
մէջը,
եւ
գիշերները
կ՚ընդունուէին
հանըմին
սենեակը։
Քոմիթաճի՞
ատոնք։
Ճամբան
արմուկ
մը
դարձաւ։
Սրբուեցաւ
ագարակը,
խիտ
պարտէզի
մը
ցանցին
ետեւը։
Հասած
էին
հասարակաց
բանջարանոց
մը։
Հիւղակի
մը
կուշտին,
երկու
քարի
վրայ,
նստած
էր
պտուկ
մը`
ծուխէն
թափանցիկ
սեւով
մը
օծուն։
Խորհեցաւ
ոսկի
ձուկին։
Բոլոր
փափկակերներուն
մէջ
անկարող
հեշտամոլ
մը,
անկողինին
ձախաւեր
արարողապետ
մը,
սպասարկու
մը
կ՚ենթադրէ
ժողովուրդը։
Որքա՛ն
իրաւացի՝
այս
վերագրումը։
Հիւղակին
խորը,
սեխերու
կոյտի
մը
դէմ,
անմռունչ՝
ինչպէս
կուռք
մը
եւ
գռուզ,
ռունգերէն
դէպի
վար,
ներս,
աչքերուն
հովիտը
քշուած,
հրուած
զարհուրելի
իր
քիթովը,
սառած
կեցեր
էր
սեւամորթ
բանուոր
մը`
ափը
տարօրէն
ճերմակ։
Այդ
մարզերուն
վրայ
ընտանի
ձեւեր
էին
խափշիկները,
գնուած
Ափրիկէէն
թէ
Եմէնէն,
շատ
պզտիկ,
ինչպէս
շունի
քոթոթ
մը,
բերուած
հոս,
հաճիներու
հապիկէ
ներուն
մէջ։
Կ՚աճէին
անոնք`
ներկայացնելու
համար,
տարիներ
վերջը,
տեսակ
մը
խառնուրդ
կենդանիի
եւ
մարդու,
ունենալով
առաջինին
չարքաշութիւնը,
յամառութիւնը,
հաւատարմութիւնը,
եւ
վերջինէն՝
կրօնք,
լեզու,
քաղաքակրթութի՜ւն։
Մոլեռանդ
–
բառը
բարակ
է
շղարշի
չափ՝
պատմելու
համար
կարծրասրտութիւնը,
խստեռանդութիւնը
այդ
արարածներուն,
որոնք
իրենց
ոտքերը
կը
լուան,
երբ
ստիպուին
քալելու
անհաւատի
մը
կոխած
հողերէն։
Աղօթքը
անոնց
գերագոյն
պահն
էր,
եւ
կեավուրին
դէմ
ատելութիւնը՝
անոնց
գոյութեան
միակ
ջերմագին
զգացումը։
Բայց
իրենց
նուիրումը
իրենց
տէրերուն
–
վասնզի
ապրանքներ
են
–
դուրս
է
սահմանէ։
Այդ
է
պատճառը
թերեւս,
որ
անոնք
շահած
ըլլան
կենդանիի
մը
իրաւունքները։
Ան
չեկաւ
ընդառաջ
էֆէնտիին`
հիւղակին
ճեղքերէն
նշմարած
ըլլալով
կեավուրին
կտորը,
ճանաչելի
հոտէն,
գոյնէն,
տարազէն,
եւ
որուն
հանդէպ
իր
զգացումները
այնքան
յստակ
էին,
ինչպէս
պայծառ՝
սե՛ւը,
իր
մորթին
վրայ։
Կեավուրը
կը
դպէր
անոր
փորին,
ցաւ
ու
խառնուք
ազդելու
չափ,
արդիւնք
իր
ակռաներուն
կճրտումին
եւ
կիրքին
զայրագնութեան։
Անապատին
ամբողջ
հոծութիւնը
ծրարուած
ըլլալու
էր
այս
ատելութեան
խորը։
Քանի՜-քանի՜
անգամներ
ան
կուռքի
պէս
արձանացուցած
էր
ինքզինքը`
դէմ
երթալու
համար
իր
տիրոջը
հրամանին,
ծեծուելու,
ջարդ
ու
փշուր
ըլլալու
գնով,
բայց
չշարժելով,
երբ
անհաւատին
հետ
շփում
մը
կար
հրամանին
մէջ։
Կաշառքին
իսկ
չէր
հանդուրժեր
անիկա։
Կ՚ուտէր
փայտը,
ունելիի
կոթը,
կիսայրեաց
երտին
խարանը,
բայց
կը
նախատէր
հանդարտ
եւ
ուղղափառ՝
կեավուրը,
տիրոջը
ներկայութեան։
Տարիներ
առաջ,
երբ
կը
գործէին
քարտուղարին
ականջները,
այս
տեսարանները
տեղի
կ՚ունենային
ողբերգական
լրջութեամբ։
Վերջ
ի
վերջոյ
պարտաւոր
եղաւ
սեւամորթը
ընդունելու։
Կեավուրները
զանցառելի
քանակ
սկսած
էին
ըլլալ,
բռնապետութեան
սաստկացումովը։
Ու,
վարժուած,
գուցէ
տկար
ալ,
ով
գիտէ
ի՛նչ
անասելի
պարտքերով
հանդէպ
այդ
արարածին,
որ
քարտուղարին
միակ
ժառանգութիւնն
էր
հօրմէն՝
անիկա
չտեսաւ
սեւամորթին
կրացումը։
Փիլիսոփայ,
գլուխը
կամաց
ճօճելով,
պարպեց
գրպանները։
Պտուղ,
չորեղէն,
չորցած
ձուկ,
ու
պանիր։
Քանի
մը
հատ
բողկ,
կարմիր
ու
փոքրագլուխ,
խմողներուն
համար
յատկապէս
մշակուած։
Մէջքէն՝
օղիին
շիշը։
Թեթեւցած՝
ան
շունչ
առաւ
քիչ
մը։
Օդին
կրակը
կը
վազէր
ըսես,
անոր
երեսներէն,
որոնք
քրտինքին
տակ,
իւղոտ
ու
փայլուն,
կարմրած
էին
չափէն
աւելի։
Գէր
ու
հոտած։
Ան
արգիլեց
Սերոբը
խօսելէ։
Կը
նայէր
յաճախակի,
գիւղաքաղաքին
կողմը
ու
դէմքը
լեցուն
էր
անհանգիստ,
փութկոտ,
սմսեղուկ
բանով
մը։
Մտիկ
չըրաւ
Սերոբին
ջանքերը։
Մէկէն,
բարկացաւ,
նոր
տեսնող
մը
պիտի
կարծէր
սաստիկ։
Սեւամորթին
վրայ
այս
յարձակողականը,
ծեծի
յանգելու
չափ
ուժով,
անհանգիստ
ըրաւ
հեռուի
շուները,
որոնց
կաղկանձը
կը
կոտտար
պահ-պահ,
հետզհետէ
մերձեցող։
Նախի՞ր
մը։
Մանր
անոր
աչքերը
զննումի
ելան
հորիզոնը,
որուն
յատակը
կը
սուիննար
եղէգնուտի
լանջքին,
կանանչ
ու
դեղնաւուն
ջուրի
մը
երկարուն
քառանկիւնն
ի
վար։
Ըսես՝
եղէգներուն
կոր
նիզակները
իրենց
հակած
սայրէն
թափէին
հեռաստանի
դաշտավայրը,
ուր
գոլն
ու
մուխը
շերտ-շերտ
իրար
կը
հիւսուէին։
Ծանր
ու
դաժան
հոտ
մը,
խուզուած
եւ
խառնշտկուած
սէզերէն,
գոմէշներուն
կճղակներովը,
քիչ
հովի
մը
թեւովը
կու
գար
ու
կ՚անցնէր։
Սեւամորթը,
անայլայլ
իբր
խանձած
ծառի
կոճ
մը,
աչք
իսկ
չէր
յօժարեր
տիրոջը
կողմը։
Կռնակը
հիւղին՝
կեավուրէն
լսուելու
չափ
յստակ,
բայց
քիթին
տակէն,
իբր
հեռու
հասցէի
մը,
ան
բացաւ
ոսկեմատեանը
իր
հայհոյութիւններուն,
շքեղ,
գունաւոր,
ինքնատիպ
ու
հզօր,
իւրաքանչիւրին
մէջ
դնելով
հաստ
մաս
մը
թուրքի
ու
գարշութեան։
Կարծես
կարդար,
առջին
բաց
գիրքի
մը
վրայէն,
հաստատ,
շեշտաւոր
ու
գեղեցիկ
արտասանութեամբ։
Ան,
կոտրած
թեւի
մը
յուշքովը,
պիտի
չհամարձակէր
բառէն
անցնիլ
գործի,
ինչպէս
ըրած
ու
պատժուած
էր,
պատանութեան
շրջանին`
խածնելով
սրունքը
ճամբէն
անցնող
քահանայի
մը։
Տարիքը
ոչինչ
փոխած
էր
այս
վայրագութենէն։
Ու
միշտ
քիթին
տակէն
անոր
բերանը
կ՚արձակէր
պատկերները,
իրարու
ետեւէ,
բոլորն
ալ
ասեղնագործուած
ըսես
սեռային
ասեղէն
ու
կը
բանար
պարտէզին
վրայ
Նալպանտենց
Աղուորին
արգանդն
ու
հոգին…։
Ու
խորհիլ
բոլոր
այն
լրբութեան,
անգթութեան,
պղծումի
մեծութեան,
որոնք
այդ
բառերով
վերացան
ու
սառեցան
ժամանակին
մէջ։
Դար
մը
առաջ
այդ
բառերը
իրողութիւններ
էին,
գունաւոր
ու
միջոցի
մը
մէջ
ձեւի
կապուած։
Ու
խորհիլ,
որ
քրիստոնեան
նոյնիսկ
նկատուեցաւ
երբեմն
անարժան
կաւ
անոնց
ամբարումին,
սափորումին։
Խորտակուած
հիմա,
զանգուածին
ողնուղեղին
մէջ,
այդ
վաւաշն
ու
բնութիւնը
դեռ
կը
պահէին
իրենց
ուժգնութիւնը
աւազածին
սա
կենդանիին
մէջ։
Ցեղ
ու
քաղաքակրթութեան
որոշ
տախտակներ
կարելի
է
արտահանել
այդ
տարօրինակ
ասումէն։
Մռայլ
ձայնարձակութեամբ,
անկնճիռ
ու
անշարժ,
ըսես
աղբիւրի
գուռէն
բխող
այս
հեղեղը
տպաւորեց
խորապէս
Նալպանտենց
Սերոբը,
որ
վախցած՝
բայց
հիացած
սեռային
գործիքով
ձեւուած
այս
պատկերներուն
անսպառ
արձակութեան,
կը
նայէր
քարտուղարին,
–
կիսաժպիտ,
անհասկնալի
ու
խուլ
արձան,
գոց
գիտնալով
տարիներէ
ի
վեր
ամբողջ
փոխասացութիւնը։
Իր
տունին,
կնիկին,
օրէնքին,
գիրքին,
Աստուածին,
արիւնին,
ցեղին
վրայ
այսպէս
յորդող
այս
աղտին
տակ՝
անիկա
առաջին
անգամ
զգաց
խուլ
այն
ասղնտուքը
սիրտին
քովերէն,
որ
բարոյական
տառապանքը
կը
վերածէ
նիւթական
կսկիծի։
Նախատինքի
այս
ձեւը,
նոյնքան
զարդարուն,
գեղին
մէջ
կը
գործադրուէր
աղաներէ
եւ
էֆէներէ։
Բայց
թուրքին,
ու
սա
օճախին
մէջ
սեւնալու
դրուած
ոսկրակոյտին
բերնէն
անիկա
կը
գտնէր
այս
սպաննող,
անգութ,
մարդուն
արիւնը
ջուրէն
ալ
վար
բանի
վերածող
ժահրը,
որուն
մասնագիտութիւնը
ունին
անոնք,
երբ
ուժն
ու
բռնութիւնը
ասպանդակած՝բերան
կը
բանան
տկարին
դէմքին։
Թուրքէն
ծե՞ծ
ուտելը։
Անշուշտ
հիմա
չենք
հաւատար
դիւրութեամբ։
Ու
այս
անասունին
այս
դաշունումին
տակ՝
անիկա
զգաց
ծախուած
իր
հոգիին
առաջին
ամօթը,
–
տարբեր
բան
մը
անկէ,
զոր
կը
պահէր
Սողոմենց
Սողոմէն։
Բացէն,
կը
փոշոտէր
ճամբան։
Իրա՞ւ։
–
Նախի՞րը։
Քարտուղարը,
ինկաւ
անիմաստ
շարժումներու։
Ջղայնոտ,
դարձդարձիկ,
աչքով
ուտելու
չափ
Սերոբը,
որ
կ՚անգիտանար
այս
յուզումին
ու
այս
գրգռութեան
իրական
զսպանակը,
կանչեց
խիստ՝
սեւամորթը`
օձիքէն
թօթուելով։
Թխմեց
ափին
արծաթ
դրամ
ու
պարապ
շիշ
մը։
Անլեզու,
ինչպէս
գառնուկ
մը,
աւելի
ճիշդ՝
շուն
մը,
որուն
պինչին
սակառ
մը
կ՚անցնես
ու
կը
դառնաս
գործիդ,
վստահ,
թէ
կենդանին
գիտէ
ընելիքը,
սեւամորթը,
սուզուեցաւ
դէպի
գիւղաքաղաք։
Ու
հաճ
ու
դաշն
էին
անոր
քայլերը։
Արագ
ու
խանգարուն
էր
ասդին
քարտուղարին
շունչը,
որ
կը
հպատակէր
կարծես
քայլերուն
բացուածքին։
Ան
լեցուց
գաւաթ
մը
թունդ
օղի,
մօտի
գեղէն
խոնարհ
նուէր
մը,
Պոլիս
դարմանումի
ղրկուած
յուսահատ
հիւանդի
մը
մօրմէն,
որ
փոքր
տամէճանը
լեցուն
էր
տրամադրեր
Թահսին
էֆէնտիին,
«կակուղ
ու
բարի»
ընելու
անոր
գրիչը
իր
ցաւին
վրայ։
Չէ՞
որ
յանձնաժողովին
(քննիչ)
պետն
էր
եւ
Պոլիս,
հայերու
մուտքին
ատենապետը։
Գովեց
Խոշիկենց
մեծ-շալվար
տիկինը,
նռան
պէս
կարմիր,
անոր
հարսը`
մէկ
ձեռքով
ալ
շոյելով
թուշերը
«փարլախ»
էֆէնտիին։
Այս
վերադիրով
կը
խօսէր
անոր,
ծանօթութենէն
ասդին
ու
կը
դնէր
շեշտին
մէջ
երկիմաստ
հով
մը,
որ
դիւր
կու
գար
Նալպանտենց
Սերոբին։
Յետոյ,
կոնծեց,
դողդոջուն,
կոկորդէն
կրակ
փոխադրողի
մը
մղձուկով։
Բայց
նախիրը
պարզուած
էր
ա՛լ
ու
անցած
տարածութիւնը,
որ
դէպի
լիճ
կը
մղէր
սա
պահուն
կենդանիները
ջուրի։
Հակառակ
օրէնքին,
որ
հովիւները
կը
պարտադրէ
խիստ
հսկողութեան,
կովերը
գամուեցան։
Մէկ
քանին
խուլ
ցռուկ
մը
քսեցին
նոյնիսկ
պարտէզին
ցանկապատին
ու
նայեցան
իրենց
կով
նայուածքները`
լայն
լեզուով
սպնդելով
իրենց
քիթին
հսկայ
ծակերը։
Քանի
մը
բառաչ
ու
նախիրը
պիտի
մակաղէր։
Հովիւները,
ալպանացի,
գետին
նետեցին
իրենց
քափանակ
ները
հսկայ
կաղնիին
տակ,
որ
կը
լեռնանար
ճամբուն
վրայ,
յաղթ
ու
ամբարձիգ,
ինչպէս
կը
տրուի
մեզի
երբեմն
հանդիպիլ
անոր
նկարին
պատերու
կամ
պատեաններու
վրայ։
Քսան
քայլ
բացէն,
անոնք,
կռնակնին
կաղնիի
բունին,
աչքի
տակ
կը
պահէին
հիւղակը,
կիսամուխ
պտուկը
եւ
շուար
զոյգը։
Շուար՝
վասնզի
երկու
տարի
կար,
որ
ալպանացի
այդ
թափառականները
գրեթէ
կ՚ասպատակէին
ամբողջ
նահանգը`
բարձր
ու
բացարձակ
պաշտպանութիւնը
վայելելով
կուսակալին,
որ
ցեղակից
անոնց
եւ
ամէն
ամսու
անբեր
ու
խեղճ
ալպանական
լեռներէն
հարիւրներով
մարդ
կը
քաշէր
դէպի
Պրուսայի
պարարտ
մարգերը,
քաջալերելով
անոնց
ազգային
արհեստը,
–
այսինքն՝
հովուութիւն
ու
սպանութիւն։
Ամէն
գաւառակ
ու
շատ
ալ
գիւղ
պարտաւոր
էին
տեղ
ճարել
անոնց
նախիրին,
ինչպէս
անոնց
մականներուն՝
վարձու
արօտ։
Անոնք
ոչ
ոքէ
կ՚ակնածէին։
Առաջին
տարին
խտիր
չդրին
իսլամի
եւ
քրիստոնեայի
մէջ,
երբ
իրենց
բիրերը
փորձեցին
խաղաղ
աշխատողներու
վրայ։
Բայց
կուսակալական
գաղտ
հրահանգումը
բացաւ
անոնց
աչքը։
Անշուշտ
բաւական
վայրենի
էին
իրար
մտիկ
ընելու
ու
բաւական
ալ
բնազդական՝
կիրքի
պահուն
զատելու
համար
հայուն
ու
թուրքին
կռնակը։
Բայց
վարժուած
էին
տարազներուն
լեզուին,
փաթթոցին
իմաստին
եւ
պետական
կոճակներուն
յարգանքին։
Քարտուղարը՝
անկոճակ։
Հայը՝
տարազէն
յայտնի։
Հովիւները
կը
շարունակէին
դիտել,
անփոյթ՝
կովերէն,
որոնք
մտան
ալ
քարտուղարին
թթաստանը։
Նախիրը
կը
պատկանէր
մօտիկ
ագարակի
կցկտուր
պէյին,
որուն
կինը
պալատական
իր
բարքերը
կը
պտըտցնէր
քաղաքէ
քաղաք,
եղանակին
համեմատ,
սանձարձակ
լրբութեամբ
մը,
փականքի
տակ
պահելով
փախուկ
իր
էրիկը,
ընդարձակ
ու
մեծահամբաւ
կալուածներով
ընտանիքի
մը
վերջին
վիժուկը
եւ
ինքզինքը
կու
տար
անկողինի
անլուր
պատմութեանց։
Ան
խտիր
չէր
դներ
քրիստոնեայի
եւ
իսլամի
միջեւ
եւ
իր
հողերուն
քուրդ
պահապաններէն
սկսեալ
մինչեւ
հայ
գեղերու
մաքսանենգները
–
որոնք
տարին
հեղ
մը
կու
գային
ագարակին
բերքը
գնելու
–
կ՚առնէր
իր
մահիճը։
Կ՚ըսէին,
թէ
ագարակին
մշակները,
բոլորն
ալ
հայ,
պարտաւոր
էին
ցերեկները
բանիլ
հաճի
Ֆաթմային
արտերը՝
ինչպէս
գիշերն
ալ
հերկել
անոր
անյատակ
արգանդը։
Ու
անոր
հովիւները
կ՚արհամարհէին,
հաւասար
թուքի
մը
մէջ,
հայն
ու
թուրքը։
Անոնք
չսպասեցին
նոյնիսկ
քարտուղարին
բացագանչութեանց։
Մէկը
գետին
դրուած
մարթինը
առաւ
ծունկին։
Յիմար,
անհոգ,
լիրբ,
անոնց
սովորութիւնն
էր
այդ
հրացանները
պարպել
ընտանի,
վայել,
վարժ,
ա՛յն
դիւրութեամբ,
որով
անոնք
իրենց
հայրենի
լեռներուն
մէջ
կը
գործածէին
կրակը,
երբ
իրարու
սիրտ
կը
ծակէին։
Բոլորն
ալ
փախստական,
որովհետեւ
մարդ
էին
սպաննած։
Ու
սպաննած
փուճ,
աւանդական
զսպանակներէ,
անոնք
իրենց
շունչը
առած
էին
փարթամ
նահանգը,
ուր
կը
լեցնէին
իրենց
քամար
ները
եւ
կը
քաւէին
իրենց
ոճիրները
տարօրինակ
արդարութեամբ
մը։
Առաջին
տարին
հարիւրներով
մարդ
ինկաւ
անոնց
գնդակներէն։
Կ՚ընէին
սպանութիւնը
սուտի
պէս,
հայհոյութեան
մը,
ծուռ
խօսքի
մը,
նո՛յնիսկ
չլսուած
–
որովհետեւ
խուլերու
ուղղուած
–
ազդարարութեան
մը
գնով։
Եւ
արդարութիւնը
չէր
կրնար
միջամտել։
Վասնզի
գեղերուն
մէջ
անիկա
խելացի
է
շատ`
արդար
ըլլալու
համար։
Կուսակալին
վա՞խը։
Բայց
ասպատակի՛ն
վախը
մանաւանդ։
Գեղերը
պարտաւոր
էին
ներքեւ
ձեռաց
մարդասպանին
տարեթոշակը
ճարել
ու
ղրկել,
այլապէս
կը
պաշարուէին,
տասնով-քսանով
զոհ
կու
տային
եւ
տասնապատիկ
ալ
աւար
–
ընդհանրապէս
կիներուն
ոսկեղէնները
–,
խելքի
գալով
պարզ,
անմիջական
արդարութեան
այս
ձեւէն,
որուն
համար
հպարտ
էին
ալպանացիները,
քանի
որ
կաշառքի
աղտէն
զերծ
գիտէին
իրենց
խղճմտանքը։
Գազայի
մը
մէջ
արիւն
թափողը
կ՚անցնէր
երկրորդ
մը,
կը
պահուէր
մէկ
ամիս,
մինչեւ
որ
մօրուք
մը
կամ
մազերու
պսակ
մը
ճարէր
դէմքին։
Եւ
տարազի
պզտիկ
սրբագրութեամբ
մը
կը
ներկայանար
գայմագամին`
ստանալու
համար
առնուազն
պահակի,
անտառապահի,
խաշնարածի
պաշտօն
ու
պատուանիշ։
Ագարակներու
մէջ
երեւցողները
ուղղակի
Ալպանիայէն
նոր
ժամանողներն
էին,
բոլորին
ներսն
ալ
մղձաւանջը
ոճիրին,
որոնք
երկրին,
այսինքն՝
հողին,
անոր
ելեւէջներուն,
ճամբաներուն
ու
կիրճերուն
ծանօթացումը
կ՚ընէին
ու
կը
վարժուէին
մարդերուն։
Քիչ
մը
մարզուելէ
յետոյ,
անոնք
«բարձրացման»
կ՚արժանանային`
տապալելով
չնչին
պատրուակով
մը
մէկը
կամ
միւսը։
Երիտասարդ
մը,
միշտ
մարթինը
վար,
այսինքն՝
ձեռքին,
անցաւ
ցանկապատը,
յառաջացաւ
մինչեւ
հիւղակ,
առանց
որ
մէկը
հրաւիրած
ըլլար
զինքը։
Իր
խտղտային
լեզուն
արտաբերեց
անծանօթ
ճիչեր,
որոնք
հայհոյութեան
մը
կնիքը
ունէին,
վասնզի
դիմախաղին
հետ
նոյն
կշռոյթը
կը
մատնէին։
Նեղ,
երկու
մատ
ճակատ,
քառակուսի
քիթ
ու
դունչ,
ափ
մը
երես,
ըսես
կապիկի
մը
մարմինէն
փրցուցեր
ու
բերեր-դրեր
են
հոդ։
Դեռ
անտառ
հոտող
երկոտանի։
Առանց
արարողութեան
երկարեց
ձեռքը
դէպի
շիշը,
դրաւ
բերանին
ու
գլգլացուց
կրակ
հեղուկը
կոկորդն
ի
վար,
այնքան
հանդարտ,
շաքար
ջուր
շարպաթ
ըլլար
վաթածը։
Ձեռք
չերկարեց
հացին
ու
ոսկի
ձուկին`
հետեւելու
համար
ազգային
իր
ճաշակին,
որ
խորապէս
կը
նախատէր
ցորենահացը
ու
կը
փնտռէր
եգիպտացորենին
աւազը։
Անոր
քով
տնկուեցաւ
ուրիշ
մը։
Թահսին
էֆէնտին
գէշ
աստղի
տակ
ծնած
ըլլալու
էր։
Անոր
հաշիւնե՜րը,
ճամբայ
երբ
կ՚ելլէր։
Անոր
ներքին
զայրոյթը
դուրս
կը
թափէր
տարօրինակ
վախի
մը
պատկերով։
Ծերերը,
մա՛նաւանդ
սեռալլուկները,
վախկոտ
են
մահուան
դէմ։
Ան
պարտաւորուեցաւ
դիմել
հին
աղուէսի
իր
բոլոր
խորամանկութեանց,
վարուիլ
թաքթ
ով,
թուրքի
արժանաւոր
հաճոյակատարութեամբ։
Ալպանացիք
կ՚ատեն
շողոմը,
գուցէ
անծանօթ
կամ
անատակ
ըլլալնուն։
Երրորդ
եկող
մը
առաւ
կրկին
շիշը
ու
ցամքեցուց,
նետեց
գետին
եւ
հրամայեց
ուրիշ
մը
բանալ։
Չհասկնալով,
չուզելով
հասկնալ
քարտուղարին
բացատրութիւնները,
որոնք
գազան
ցոյց
կու
տային,
սպասում
առաջարկելով,
փակցուց
մարթինին
կոթը
երկու
ուսերուն
ճիշդ
մէջտեղին,
այնքա՛ն
ուժգին,
որ
մարդը
տապալեցաւ։
Խելք
ունէր
քարտուղարը
անշարժ
մնալու
երեսքվար։
Մեռա՞ծ։
Հովիւները
մօտեցուցին
իրենց
ականջը
անոր
կռնակին
ու
նայեցան
աջ
ու
ձախ։
Մէկը
նշան
առաւ
Սերոբին
մարթինով,
բայց
արգիլուեցաւ
արձակելէ
իր
ընկերոջ
կողմէն,
որ
ցոյց
տալով
դիակը՝
ապահովցուց
իրենց
անմեղութիւնը։
Նախնակա՜ն
այդ
փաստաբանութիւնը,
դիակին
վերեւ,
քառորդ
ժամ
հեռու
բանտէն
եւ
իշխանութենէն։
Ծերուկը
մեռած
էր։
Կասկած
չունէին
այդ
մասին։
Բայց
իրենց
ի՛նչ։
Մեռած
էր
անիկա
բնական
մահուամբ։
Անոնց
համար
ըմբռնելի
չէր,
գէթ
արձակ
դաշտին
մէջ,
մահը,
առանց
արիւնի։
Տարօրինակ
այս
փաստարկութի՜ւնը,
որ
այդ
կողմերը
դեռ
մոռցուած
ըլլալու
չէ
ու
զուարճացուցած
է
դատարանը
ալպանական
տիտղոսով,
վասնզի
պատմական
է,
պարզուած
ու
պաշտպանուած
ալ
ըլլալով
անկարելի
միամտութեամբ
մը։
Միջամտեց
ալպանական
տրամաբանութիւնը
սա
վճռական
րոպէին
եւ
ազատեց
Նալպանտենց
Սերոբը
վաւերական,
ալպանացիներուն
առումով՝
կարմիր
մահէն։
Առանց
պատճառի
ոճիրին
այսքան
մօտիկ
այս
մարդերը
բաւարար
ո
ւեցա՞ն
մահուան
այս
կատակերգութեամբը,
թէ
իրապէս
խելօք
արարածներ՝
անօգուտ,
գուցէ
անսուրբ
արիւնը
անարժան
կը
դաւանէին
իրենց
ասպետական
մկրտութեան։
Դիտուած
էր,
որ
անոնք
կը
նախընտրէին
թուրք
գեղերու
բռնակալ
աղաները,
չափուելու
համար
անոնց
հասակին
հետ։
Ու
իրենց
կաշիէ
յարմարցուած
տարազներուն
մէջ,
աւելի
նմանելով
երկոտանի
կենդանիի,
քան
մարդու,
վայել
բրտութեամբ
մը,
անոնք
ոտքով
կոխկռտեցին
քարտուղարին
ցից
յետոյքը,
որ
ոստոստեց
աջ
ու
ձախ,
բայց
տեղի
չտուաւ։
Անիկա
համոզուած
էր,
որ
ուրիշ
նման
պատահարներու
փորձառու,
պատմուած՝
դատաւորներէն
եւ
ոստիկաններէն,
զրահապատ
անոնց
մոյկերը,
ուր
գամը,
պայտը,
հինցած
դանակի
բերանները
իրարու
կը
հիւսէին,
իր
փոքրագոյն
իսկ
շարժումէն
դուրս
պիտի
թափէին
փարթը
կը
փորին…։
Ու
եղաւ
մեռել։
Շուները
դժկամ՝
արգիլուելնուն
բզկտելէ
թաւալած
մարմինը,
իրենց
տէրերէն
աւելի
յիմար,
շտկեցին
իրենց
դունչերը
դէպի
լիճ։
Անոնք
վարժուած
էին
գետաբերանի
կէսօրուան
ճաշին,
երբ
հայ
ձկնորսները
իրենց
ձուկերուն
ոսկորները
պիտի
թափէին
անոնց։
Գազաններուն
ետեւէն,
հեռացան
մարդակերպ
այս
գազաններն
ալ։
Ու
այս
բարքերը
քսաներորդ
դարու
սկիզբին,
Պոլսոյ
քիթին
տակ,
գազայի
մը
մէջ,
որուն
սեփականատէր
փաշան
դեռ
փոշի
չէր
եղած։
Որուն
սահմանին
մէջ
ագարակին
տիրուհին
Սուլթանին
ծոցը
պառկած
էր
եւ
իրաւունքներ
կը
բանաձեւէր
խալիֆաներուն
արիւնին
վրայ։
Ինչպէ՞ս
եւ
ինչո՞ւ
հեռացան։
Նալպանտենց
Սերոբը,
վախէն
սառած,
չէր
իսկ
համարձակեր
գլուխ
վերցնելու,
նայելու
համար
դէպի
գիւղաքաղաքը,
որուն
ուղղութեամբը,
հորիզոն
շինող
մոխրագոյն
բլուրն
ի
վեր
կը
դեղնէր
փոշիի
ամպ
մը,
կտոր-կտոր
եկած՝
սկսող
հովէն։
Դեղին
այդ
թաւալումը
կը
գրաւէր
հեռապատկերը
յատակէն
`
հետեւելով
խճուղիի
կորագիծին։
Մէկէն
ակռաները
դողդողացին։
Անոր
մէջ
ինկած
էր
այն
առհաւական,
բազմադարեան
սարսափը,
որ
այդ
հողերուն
վրայ
զարկած
էր
իր
ցեղը։
Առիւծի
եւ
գրաստի
դիտուած
սարսափը։
Վախէն
անդին
այն
բանը,
որ
ոտքերուն
մորթը
կը
զգայ,
երբ
կ՚անցնիս
քու
գեղիդ
գետինը
եւ
կը
մտնես
թուրքին
շունչը
զգեցած
արտերուն
մէջ։
Փոխուա՞ծը։
Բայց
ոչի՛նչ։
Ծառերը
նոյն,
ճամբան
նոյն։
Ձիթենիի,
թթենիի,
ծխախոտին
սանդխաձեւ
աշտարակը՝
բոլորը
նոյն։
Միայն
զգեստի
բեկոր
մը,
գերեզմանատան
մօտեցած
հեռանկար
մը
իր
նոճիներով
ու
երբեմն
ծառերու
բացատներէն
ճղճիմ
մինարէի
մը
սլաքը
կապոյտին
մխուած։
Ու
ահա
վեր
ի
վար
կը
շրջի
ամէն
բան
մէկէն։
Ու
ալպանացի,
ու
գաղթական
փոմագներ,
ու
թուրք
բարի
ծերուկ
մը,
որ,
իր
գոմէշները
առջին
ձգած՝
լիճ
կ՚ուղղուի,
իրարու
կ՚աւելցնեն
իրենց
խորհուրդին
մղձաւանջը
ու
կը
կեցնեն
քեզ։
Վասնզի
դարեր
շարունակ
անոնց
այդ
հանդիպումը
կապուած
եղաւ
եղերական
պատկերներու
ատ
փո
ր
ագրուած
արիւնին
մէջ,
որ
կու
գայ
հիներէն
մեզի։
Նալպանտենց
Սերոբը
զղջա՞ց,
երկրորդ
անգամ
ըլլալով,
իր
ըրածին։
Ալպանացիները,
անկարելի
պարզամտութեամբ
մը՝
վստահ
քարտուղարին
սատկելուն,
բայց
իրեն
ք
զիրենք,
մա՛նաւանդ
մարթինները
բոլորովին
անմասն
ընդունելով
տեղի
ունեցածէն,
քշեցին
կովերը
դէպի
լիճ։
Մէզի,
թրիքի,
փոշեխառն
ծանր
հոտ
մը
կը
ծածանէր
դեռ
տեսարանին
վրայ։
Ե՞րբ
վերադարձաւ
սեւամորթը։
Անոր
տարօրէն
դեղին
ակռաները
բացուեցան
իրենք
իրենց,
ինչպէս
շունէ
մը
իր
ժանիքը։
Հակառակ
այս
սպառազէն
մուտքին՝
անիկա
նպաստեց
պատկերին
փոխուելուն։
Նալպանտենց
Սերոբը
փութացած
էր
մօտիկը։
Սեւամորթը,
հայհոյելով,
մերժեց
անհաւատին
դարպասն
ու
օգնութիւնը
`
վախնալով
անոր
շունչին
քսուելէ։
Այս
նախապաշարումը
անցած
է
մեզի
ալ։
Ջուրը
ապականուած
կը
նկատենք,
երբ
անոր
մէջ
թուրքը
լոգցած
ըլլայ։
Ու
ձիե՜րն
իսկ
կը
զգան
ատիկա
`
մերժելով
խմել
այն
գ
ուռէն,
ուր
քիչ
առաջ
հաճիի
մը
մօրուքէն
կաթիլներ
ինկան։
Անիկա
նստեցուց
իր
հուժկու
բազուկներովը
քարտուղարին
մարմինը,
որ
լեղի-կծու
արտաբուրում
մը
արձակեց,
ինչպէս
կը
տրուի
մարդոց
զգալ
նեխած
պարկէ
մը,
երբ
կը
թօթուեն։
Ան
կը
պատրաստուէր
խոյանալու
Սերոբին
վրայ,
եթէ
չարգիլուէր։
Քարտուղարը
կը
հայհոյէր
«անգիր»
ժողովուրդին,
նահանգին,
կուսակալին
եւ
հարիւրապետին,
որոնք
«ազգին»
գլխուն
այս
փորձանքը
կը
ստեղծէին,
կեավուրին
փորձանքէն
եօթն
աստիճան
ահաւոր։
Կը
տքար
խուլ,
վախկոտ
ու
ցաւէն
տաղտապուն
անդամները
չկրնալով
տարածել։
Սեւամորթը
շփեց
արագ,
ուժգին,
խարտոցի
պէս
խորտուբորտ
իր
ափովը
կռնակին
ուռեցքը,
արեան
կապտորակ
կալը
եւ
կերցուց
օղին։
Ցաւը
կը
մեղմանար։
Մարձո՞ւմը,
ալքոլին
հո՞ւրը
առին
մզմզուքը
անոր
դ
նդերներուն։
Ան
նայեցաւ
յուսահատ
իր
նայուածքը,
միջոցին
եւ
Նալպանտենց
տղուն։
Ձիաւորները
հասած
էին։
Հարիւրապետն
էր։
Տասը
հեծեալներ,
երկու
տասնապետ,
որոշ
հեռաւորութենէ
մը
կը
հովէին
սպան։
Բարեւեց
ուրախ,
գտնելուն
մա՛նաւանդ
հայը,
զոր
ժամու
մը
չափ
ոստիկանները
փնտռեր
էին
շրջակաները։
Անիկա
չտեսաւ
իսկ
քարտուղարին
նստուկ
վիճակը,
յարգանքի
պակաս
մը
ընդունելու
այնքան
տրամադիր,
ստորադասներէն
դէպի
մեծաւորը։
Գրաւուած
էր
օրուան
հարցով։
Կէսօրուան
իր
սեղանին,
ան
ստիպուած
էր
«պատառը
բերնին»,
ինչպէս
կը
հեռագրէր
կուսակալը,
աճապարել
դէպի
հայ
գեղը
եւ
մանրամասն,
ստոյգ
քննութիւն
կատարել
երկու
քոմիթաճիներու
մասին,
որոնց
գոյութիւնը
այդ
մարզին
վրայ
կասկածէ
դուրս
էր
ա՛լ։
Հեռագիրը
կը
հաղորդէր
նաեւ
Պոլսէն
յատուկ
շոգեմակոյկով
երկու
բարձրաստիճան
քննիչներու
ժամանումը
գիւղաքաղաք։
Մինչեւ
այդ
հարիւրապետը
պարտաւոր
էր
ձեռքին
տակ
ունենալ
մեծ
թիւ
մը
ձերբակալուած
հայերու,
հոգ
չէ
թէ
անմասն։
Հարիւրապետը
կը
հասկնար
պատգամը։
Դարձեալ
Պոլսէն
ոստիկանական
նախարարն
ալ
կը
սպասէր
հեռագրական
լուսաբանութեան։
Այս
ամէնուն
վրայ
նահանգին
ոստիկան-զօրքերու
ընդհանուր
հրամանատարը
առանձին
հեռագրովը
մը
շատ
խիստ
հետապնդում
կը
պահանջէր։
Այս
էութեան
մէջ
անկարեւոր
հարցին
մէկէն
ստացած
այս
կարեւորութիւնը
վախի
զօրաւոր
պատճառ
մըն
էր
հարիւրապետին
համար,
որ
քոմիթաճիները
«թուրքերու
հարեմներու
մէջ
կը
խուզարկէր»,
ըստ
հոս
ու
հոն
լսուած
սրամիտ
խօսքերու։
Պոլիսը
բացառիկ
ուշադրութեամբ
կը
հետեւէր
քոմիթաճի
տարազին։
Կայսրութեան
Արեւմտեան
Նահանգներուն
մէջ
անոր
երեւումը,
մա՛նաւանդ
«հայկական
ապրանքէն»
(որուն
վճռականութիւնը,
խենթութեան
մօտեցող
առքը
սարսափախառն
յարգանքի
մտապատկերով
մը
շաղկապուած
էին
միջին
թուրքին
երեւակայութեան
մէջ),
մարմնացեալ
դժոխքն
էր
կարգ
մը
դիւրագրգիռ
ու
խոշորցնող
պաշտօնատարներու
համար։
Վեհապետին
պալատին
վրայ
գաղտնի
խուժում
մը
խօսակցութեան
նիւթ
էր
իբր
վճռուած
ձեռնարկ,
միամիտ
թուրքերուն,
ինչպէս
հին
աղուէս
քարտուղարներուն։
«Հայ
խռովարարներ»
բացատրութիւնը
պաշտօնական
զեկոյցներէն
անցած
էր
ընթացիկ
բարբառին։
Ու
ամէն
ճշմարիտ
հաւատացեալ
սուրբ
եռանդով
մը
իր
«ովսանը»
կը
բերէր
փատիշահին
պաշտամունքին։
Ճզմելով
գլուխը
օձին,
որ,
ապերա՛խտ,
իր
ժանիքը
կը
փորձէր
զինքը
իր
ծոցին
մէջ
հիւրասիրող
ազնուական
ժողովուրդին։
Թուրքերը
կը
սիրէին
այս
հեքիաթը
ու
չէին
յիշեր,
թէ
ով
էր
օձը։
Կայսրութեան
Արեւելեան
Նահանգներուն
մէջ
քոմիթաճին
շատ
ալ
կարեւորութիւն
չունէր
Պոլսոյ
համար,
որ
քուրդերուն
գլխուն
էր
փաթթած
այդ
վտանգը
եւ
անոր
սանձահարումը։
Բայց
Իզմիրը,
Պրուսան,
մէկը
իր
ծովովը,
որ
ազատ
անցք
կու
տար
յեղափոխականին,
միւսը
իր
լեռներովը
եւ
հայ
գիւղերու
տարածուն
կղզիներովը,
կեդրոններ
էին,
արժանի
լուրջ
հսկողութեան։
Մնաց
որ,
պատճառ
ալ
կար
խորունկ
յուզումի։
Հայ
գեղին
քահանան,
Նալպանտենց
մէկ
ճիւղէն,
իր
ստորագրութեամբը
տեղեկագրած
էր
գեղ
մտնելը
այդ
խռովարարներուն,
պտըտիլը
շրջանի
միւս
գեղերը
եւ
անփութութիւնը
գիւղապետին,
որմէ
անձնական
վրէժխնդրութիւն
մը
դուռ
կը
բանար
այդ
մատնութեան։
Գիւղապետը,
ժողովուրդի
մարդ,
աւուր
հացի
կարօտ,
բախտին
կամ
խելքին
ուժովը
տիրացած
մեծ
հարստութեան,
բռնապետ,
կամակոր
ու
զալըմ,
վռնտած
էր
իր
սեղանէն
եկեղեցիին
պաշտօնեան։
Ու
այս
բախումը
տարած
էր
զանոնք
դառնագոյն
հետեւանքներու։
Այդ
օրերուն
մուխթարը
պատասխանատու
կը
մնար
շրջանին
«հաւատարմութեան
եւ
ծառայութեան
անկեղծ
զգացումներուն»։
Իրարու
դէմ
ելած
էին
տէրտէրն
ու
հին
մաքսանենգը։
Ու
ճամբա՜ն՝
Պոլիս։
Խաղաղութեան
պաշտօնեային
այս
արարքը
իբր
նոր
խռովութիւն
պիտի
աւելնար
գեղին
վրայ,
երբ
Սողոմին
պատահարը
տարածուէր
իր
անդրագոյն
հետեւանքներուն։
Առայժմ
գեղը
կ՚անգիտանար
մատնութիւնը՝
ինչպէս
անոր
նիւթը։
Ու
մուխթարը
կը
շարունակէր
հայհոյել,
լոլոզել
ոստիկանները,
ժանտարմըրիի
սպաները
եւ
գեղին
զգացումները
ներկայացնել
կառավարութեան
աչքին,
մաքո՜ւր,
քանի
որ
մեծ
մաքսանենգները՝
ծերացած՝
իրենց
զաւկըները
դպրոց
կը
ղրկէին
ու
արտերու
աշխատանքը
նախապատիւ
կը
համարէին
աստանդական,
մշտավտանգ
կենցաղէն,
հիմա՝
որ
«հայուն
աստուածն»
իսկ
տասնոց
չէր
արժեր,
ու
անոր
քաջութիւնը՝
ապառաժի
վրայ
զա՛րկ։
Առտուն,
Արաբ
Հասանը,
քարտուղարը,
գայմագամը,
հարիւրապետը
եւ
անձնական
արձանագրութեան
դիւանին
տնօրէնը,
որոնք
գաւառակին
գաղտնի
մարմինը
կը
կազմէին,
«հայկական
խլրտումները
հսկելու»,
խորհրդակցութեան
միջոցին
որոշումներ
տուած
էին։
Նալպանտենց
Սերոբը
պիտի
կանչուէր
կեդրոն,
յատուկ
սուրհանդակով։
Անոր
ինքնաբեր
գալուստը
յաջող
սկզբնաւորութիւն
մը
նկատուեցաւ։
Կառավարութիւնը
չէր
հաւատար
քոմիթաճիներուն
հեքիաթին։
Անփոյթ
էր
եղած
մինչեւ
այդ
օրը։
Բայց
նախորդ
գիշերուան
ընդարձակ
զեկուցագիրը
տեղի,
անունի,
թուականի
բոլոր
տուեալներով
անակնկալի
բերած
էր
զանոնք։
Ուրկէ՛
ուր
Պոլիս
նստած
նախարար
մը
այդքան
ստոյգ
մանրամասնութեամբ
սորված
էր
գիւղակներուն,
տարպանտներուն,
կամուրջներուն,
երկրային
դիրքերուն
վաւերական
անուանակոչումները
`
աւելի
ըլլալով
իրական
մարդոց,
կառապաններու,
երբեմն
հողին
վրայ
աշխատողներու,
իմամներու,
մուխթարներու
մականուններն
ու
անունները։
Բայց
Նայիլ
է
հանըմին
կապուտիկ
աչքերը,
մա՛նաւանդ
մինչեւ
կէսօր
ստիպողական
հրաւէրը
միջամտեր
էին
ապահովութեան
հարցին
ու
զառածեր
սպան
իր
պարտականութենէն։
Ժամը
տասնին
ան
մտաւ
Նայիլէին
սենեակը
ու
գտաւ
գեղանի
տիկինը
արտասուայեղց։
Պահանջկոտ
էր
ու
յարձակող։
Յիշեցուց
իրեն
խոստումը
ու
իր
կիներուն
պատրաստակամութիւնը։
Պիտի
խղդէին
ծերունին,
եւ
բժիշկը,
յանկարծամահ
հանգիստի
տեղեկագրով
մը
պիտի
փակէր
եղեռնը։
Քանի՜-քանի՜
գիշերներ,
անիկա
պատմած
էր
այդ
երազը
`
զայն
ընելով
խելացնոր
մղձաւանջ
մը
արիւնին,
սեռին,
մահուան
համաշաղախ
վայրագութեան,
սոսկումին
եւ
քսու
տկարութեան
մէջ,
ամէն
մէկ
բառին՝
իր
մարմինէն
ճարելով
անհուն,
ահաւոր
այն
առքը,
որ
կը
զգլխէ
արուն
ու
զայն
խմորի
պէս
կակուղ
կ՚ընծայէ
ամէն
արարքի՝
ուզուած
տռիփի
գնով,
մահուան
այնքան
նման
այդ
վայրկեաններուն։
Անիկա
երդում
էր
առած
իր
«աղուոր»,
«աննման»,
«ճէյրան»
պէյէն,
քանի
ամիս
է
աս.
ու
կը
հատնէր
սպասումէն…։
Իր
պաշտօնատեղին
դարձին,
գտաւ
պալատը
գրեթէ
տակնուվրայ։
Գայմագամը
զինք
փնտռած
էր
քառորդ
ժամուան
մէջ
չորս
անգամ։
Դիւաններուն
թափանցած
էր
այս
իրարանցումը
եւ
մարդիկ
սկսած
էին
մեծ
բաներ
կասկածիլ։
Գայմագամը
զինք
ընդունեց
խրոխտ,
ցուրտ,
նեղուած,
ու
իր
նայուածքը
նշանակալից
ծանրութեամբը
զինքը
կը
հրաւիրէր
իր
պարտքին։
Իջաւ
ան
ու
փնտռեց
Նալպանտենց
Սերոբը։
Արաբ
Հասանը
տուած
էր
հասցէն։
Ան
ճամբայ
ելած
էր
Սերոբին
հետ
գեղ
ելլելու։
Քարտուղարին
արկածը
շեղում
մըն
էր
ու
բաւական
կարեւոր։
Բայց
ալպանացիները
կրնային
սպասել
մէկ-երկու
օր։
Պատեհութիւն
ալ։
Քննութիւնները
առնելու
շատ
խորերէն։
Վասնզի
գետակի
բերնին,
ագարակին,
ձկնարանին
անունները,
մա՛նաւանդ
անոնց
մէջ
աշխատող
հայերուն
գոյութիւնը
ծանօթ
էր
Պոլիսին,
իրմէն
շատ
առաջ։
Տեղ
եկ
ագիրը
ձկնարանը
եւ
ագարակը
կը
ներկայացնէր
իբր
թաքստոց
մը,
շատ
կարեւոր
ճամբու
մը
աղեղին։
Ճահիճներուն
առատութիւնը,
ագարակին
վատ
համբաւը
նոր
էին
այդ
մարզին
վրայ։
Լիճը
բերած
էր
մահը
այդ
տեղերուն,
իր
քմահաճ
յորդումներովը։
Անկէ
առաջ
«այդ
հողերուն
հոգի
տ
նկէիր,
կը
բուսնէր»,
ինչպէս
կը
վկայէին
հաճի
Քէրիմին
իմաստալից
խօսքերը,
յիմարութեան
ծովէն
դուրս
ցցուած
խլեակներուն
նման։
Բայց
կարեւոր
էր
ճամբան։
Ան
ճահիճին
շրթները
քերելով,
խճուղիէն
առանց
տեսնուելու,
նոյնիսկ
զգացուելու,
այսինքն՝
պաշտօնական
հսկողութենէն
առանց
նեղ
ո
ւելու
կը
բարձրանար
բլրատափը,
որուն
զանազան
փոսիկներուն
մէջ
կծկտած
են
հայ
գեղերը։
Ու
դարձեալ,
կածան-կածան,
ամէն
մէկ
գեղի
կռնակէն,
ուրիշ
անցքեր
դէպի
լեռը
`
իջնելու
համար
միւս
երեսը,
դէպի
Եալովայի
ծովախորշը,
ուրկէ
ամէն
օր
բեռնաբարձ
առագաստանաւեր
աւազ,
պտուղ
կը
փոխադրէին
Պոլիս։
Մայրաքաղաքին
մուտքը
պաշտօնապէս
փակուելէ
յետոյ,
հայ
սպասուհիները
այդ
ճամբով
կը
թափանցէին
ու
ոստիկանութիւնը
գիտէր
ատիկա։
Բայց
կիներուն
հետ
ամէն
թուրք
ոստիկան
երկու
կերպ
չունի
պարտականութիւնը
զգալու
կամ
դատելու։
Յետոյ
այդ
խեղճ
ու
կրակ
տորմիղով
Եըլտըզի
վրայ
յարձակում
մը
նիւթ
էր
տուած
հսկայ
եղջերուաքաղի
մը։
Ոստիկանական
նախարարը
անձամբ
վարած
էր
քննութիւնները,
ճեղքուած
սեխերը,
ձմերուկները,
անոնց
մէջ
թաքցուած
պոմպաներն
ու
տինամիթը
երեւան
բերելու
յոյսով,
ինչպէս
հաղորդած
էր
ժուռնալին
բարեմիտ
խմբագիրը,
մերկացուցած
նաւաստիները,
անոնց
առնանդամներու
քննութենէն
համոզուելու
համար
անոնց
տաճկութեան,
քանի
որ
հայերը
յաջող
էին
ծպտումներու,
ինչպէս
խարդախումի
բոլոր
ձեռնարկներուն
մէջ։
Ու
ծպտուած
քոմիթաճիներու
կողմէ
Պոլսոյ
վրայ
յարձակում
եւ
մայրաքաղաքին
գրաւումը,
սուտ
ըլլալէ
աւելի՝
վիպային
հմայքով
մը
կը
լեցնէր
գաւառակին
ապահովութեան
պաշտօնէութիւնը,
որ
այդպէսով
փատիշահին
անձնապահ
գունդը
կը
դառնար,
Եըլտըզի
պարտէ՜զը
պաշտպանելով,
մայրաքաղաքին
յառաջապահ
հերոս
գումարտակը։
Հոն
էին
կովերը։
Հովիւնե՞րը։
Քարտուղարը
բացատրած
էր
արդէն
պատահարը։
Անոնց
շուները
փորձ
ըրին
ժանիք
լարելու
`
նետուելով
ձիերու
ոտքին։
Հսկայ
գամբռեր,
ասոնք,
սրագամ
մանեակներով
ամրապինդ
իրենց
վիզը
ահարկու
կ՚ընէր
անոնց
յարձակումը։
Բայց
դիմաւորուեցան
բիրտ
կրակով
մը։
Մուխը
բարակ
պահ
մը
մշուշեց
կարմիր
ֆ
էսերուն
եւ
սեւ
տաբատներուն
չարագուշակ
սարսափը
եւ
քարացուց
զանոնք
իրենց
ձիերուն
քամակին։
Ըսես
սուտ
ըլլար
այս
կէսօրը
`
առանց
թուրքի,
առանց
արիւնի։
Հրացաններու
աղմուկը
գետնին
ընդերքէն
բուսցուց
երեք-չորս
ձեւեր,
ասոնք
ալ
սուտի
պէս,
յանկարծահաս։
Ջուրի
լայնկեկ
աւազան
մը
կը
կլորնար
անոնց
ուղղակի
ետեւը։
Գետակն
էր,
որ
առնուած
ցանկապատներու,
ճ
իւղերու
ուռկանին
մէջ,
կը
քնանար
ցերեկեայ
երկաթ
իր
քունը,
թեթեւ
մը
խռով
ու
յօրանջուն,
վասնզի
անոր
միապաղաղ
մարմինը
կը
ծակծկէին
վեր
նետուող
ձուկեր
`
արծաթ
կկոցներու
նման
ջուրն
ու
կապոյտը
կկոցելով։
Բայց
մարդե՜րը։
Բոկ,
գլխեբաց,
տխուր
տղաք
էին
ասոնք։
Ու
իրենց
դէմքին
բուռն,
ըսես
մուխի
բռնուած
գորշութիւնը,
արեւէն
խարղած՝
հակապատկեր
մը
կը
կազմէր
իրենց
անդրավարտիքին
շլացուցիչ
ճերմակին։
Արեւին
տակ
ու
ջուրին
մէջ
տան
այդ
գորշ
կտաւները
քանի
մը
շաբաթէն
կը
ստանային
ջնարակ
մը,
փայլ
մը,
որ
կը
տպաւորէր
այցելուները։
Ու
անոնց
մերկ
իրանին
վրայ
պարկի
թերթեր,
ափափոյ,
յայտնի
է,
թէ
հողէն
վերցուած,
ծառայելով
իբր
վերմակ
ու
անկողին։
Հայ
ձկնորսներ
էին
ասոնք,
շրջանի
գեղերուն
ամէնէն
չուառ
արարածներ,
շատոնց
մոռցած
իրենց
տունն
ու
տեղը,
վտարուած
իրենց
գեղերէն
եւ
ապաստանած
այս
կորստեան
խորշը
`
օ
րը
կալոն
մը
գինի
եւ
փոքր
սրուակ
մը
սուլֆաթօ
սպառելով։
Ու
չէին
դողցներ
։
Սպան
առաջացաւ։
Նախապէս
նշանացի
իր
հրամանը
վար
էր
նետեր
իրենց
ձիերէն
ոստիկանները։
Օր
մը
թերեւս
թուրքերը
իրենք
գրեն
իրենց
ոստիկաններուն
վերլուծական
նկարագիրը։
Մինչեւ
այս
տողերը
գրուիլը
անիկա,
թուրք
ոստիկանը,
–
զատ
դասակարգ
մըն
է
քաղաքներուն
մէջ
գործածուած
փոլիսը
–
արարած
մըն
է,
այնքան
անծանօթ,
որքան
Մալայեան
կղզիներու
բնիկ
մը։
Զայն
կը
ներկայացնեն
եւրոպացիները
բարի,
քաջ
ու
դիմացկուն
իր
կոշտութեանը
մէջ՝
իբր
ընդօրինակում
մը
իրենց
ժանտարմներուն։
Իրողութիւնը
տարբեր
է
այս
աժան
պատկերէն։
Նկուն,
ք
եղճ,
թուք
ու
մուրի
դրուած
մարդուկ
մըն
է
ան
թուրք
գեղերու
մէջ,
զոր
կը
յանդիմանէ
մուխթարը,
կը
նախատէ
հարկահաւաքը,
կը
ծեծէ
աղան։
Անսպառ
հեգնութիւն
թելադրած
է
անիկա
քաղքենիներուն,
որոնք
զայն
կը
պիտակեն
ամէնէն
մեղմը՝
կենդանի,
աւանակ,
ջորի
եւ
նման
մակդիրներով։
Բայց
հայ
գեղերուն
համար
անոր
իմաստը
կը
լրջանայ
մէկէն։
Իր
անկումէն
ան
կը
բարձրանայ
հակադիր
գագաթումին
եւ
կը
դառնայ
թուրք
տիրապետութեան
ամէնէն
թանձր,
անխարդախ
խորհրդանշանը։
Անիկա
թուրքէն
անդին
բան
մըն
է
ա՛լ,
ա՛յն
թուրքէն,
որ
գոնէ
շողոմել,
խաբել
ու
նենգ
ըլլալ
գիտէ
պետական
հզօր
տաղանդէ
մը։
Հայաշատ
մարզերուն
մէջ
գործելու
համար
ոստիկաններու
ընտրութիւնը
ենթակայ
էր
լուրջ
ուսումնասիրութեան
եւ
բացառիկ
պայմաններու։
Անոնցմէ
պահանջուածը,
անխուսափելի
եւ
մեծ,
պետական
յատկութիւնը՝
անգթութիւնն
էր։
Ո՛չ
այն
կիրքով,
բռնի,
գրգռումի
իբր
հետեւանք
մեր
մէջ
կլափ
բացող
գազանային
անգթութիւնը,
որ
կը
կոտրէ
ու
կը
սպաննէ։
Ոչ
ալ
այն
ցուրտ,
դիւանագէտ,
հաշուող
ու
որոշումի
մէջ
կտրուկ
անգթութիւնը,
որ
չի
գործեր,
բայց
կը
հսկէ
վճիռին
գործադրումին։
Փնտռուածը՝
սանկ
հաստկեկ
անասուն
մըն
է,
«գետնէն
վեր
դիզուած»,
որուն
ոտքերը
դողացնեն
հողը։
Քառակուսի
դէմք
`
կզակին
կոնին
տարապայման
տարածումովը
կազմուած։
Երկու
մատ
ճակատ,
խստօրէն
նեղն
ինկած
խոզաստեւ
մազերու,
գանկէն
ու
յ
օ
նքէն
կրկնակ
գիծերու
մէջ,
մէկ
առուով,
հաստ
ու
կարճ,
ինչպէս
գետը,
որ
կը
ծնի
ու
կը
մեռնի
երկու
լեռներու
թափին,
աւազուտ
հովտակի
մը
մէջ։
Քիթ
մը,
կոտրած
իր
կամուրջին
կեդրոնէն,
մխրճուած
դէպի
փոսակապերը
աչքին,
կարծես
դեռ
կրելով
թաթը,
որ
իջնար
երեսին,
բայց
ընելով
անոր
արտայայտութիւնը
գիշախանձ
ու
անյագ։
Այս
մարդերը
կեցած
տեղերնին
ոճրագործ
էին
մէկ
վայրկեանէն
միւսը,
ու
ոճրագործ՝
նախ
իրենց
եզներուն
վրայ,
զորս
կը
սպաննեն
խթանի
հարուածով
`
տրուած
կենդանիին
կենսական
մէկ
գործարանին։
Ոճրագործ՝
երբ
իրենց
ազգականներուն
հետ
կոյզ
մը
խաղողի
համար
վէճի
կը
մտնեն։
Թուրքերուն
զինուորական
կազմակերպութիւնը
ըստ
բաւականին
ծանօթ
է
այս
դէմքերուն
գիտութեան
`
զանոնք
զատելով
զինուորական
ծառայութենէն
եւ
յատկացնելով
ժանտարմրիին,
որ
ասպարէզ
է
ա՛լ։
Մարզանք,
ծեծ,
անհուն
խստութիւնը
կարգապահութեան
հազիւ
կը
զսպեն
այս
մարդոց
անասնութիւնը,
որ
կը
մկրտուի
քանի
մը
տարին
վերստին,
արեան
նախճիրի
մը
մէջ,
կայսրութեան
զանազան
մասերուն
անպակաս
խլրտումներու
իբր
սանձահարում։
Անոնք
մարզուած
են
մա՛նաւանդ
իրենց
ոտքէն
ու
բազուկներէն։
Պիտի
ծեծեն
սկիզբի
հանդարտ
կշռոյթէն
հետզհետէ
աճելով,
տաքնալով։
Պիտի
ծեծեն
միջօրէի
անգթութեամբ
ու
պիտի
ծեծեն,
անթարթ,
անհեւք,
առանց
յոգնութեան
դոյզն
հետքի,
մինչեւ
որ
կշտանայ
իրենց
վայրագութիւնը,
ու
ասիկա
տաղանդով,
առանց
սպաննելու,
գիտնալով
հարուածին
կշիռը՝
ինչպէս
իջած
կէտին
կենսախօսական
տարողութիւնը։
Այնպէս
որ,
ոսկորները
փշրուին
ներսէն
ու
մորթը
մնայ
թեթեւ
կարմիրով։
Այսպէս
բացօթեայ
նախճիրներու
անոնք
երբ
ոչ-հաւատացեալ
տարրերու
վրայ
կը
կանչուէին,
կը
դնէին
սանկ
արթիստիք
երանգ
ալ
`
խառնելով
ոտքը,
երբեմն
մաուզէրը,
երբեմն
ձիուն
մտրակը,
բազմաստեղն
ճուոցի
վայելումին
մէջ
խորապէս
գինով։
Անոնք
խուժեցին
գետնափորէն
ներս։
Ու
անոնց
ձիերը՝
անհանգիստ
`
շուներուն
շատ
լեղի
կաղկանձէն
հազիւ
կը
մնային
զիրենք
յաւելակի
բռնող
բազուկներուն
հասողութեան
`
ծառանալով,
գլուխ
բարտելով
ու
սմբակներով
գետնի
աւազը
թռցնելով
տասը
քայլ
անդին։
Եղէգներուն
ետին
շարժում
մը,
յստակ,
կը
գծուէր
ու
կ՚աւրուէր։
Մա՞րդ։
Ուրիշ
ի՛նչ
կրնային
ըլլալ
ատոնք։
Քոմիթաճինե՞րը։
Հարիւրապետը
յիմար
չէր
իր
իսկ
ենթադրումին
չծիծաղելու
չափ։
Այս
թշուառական
խորշին
մէջ
ի՛նչ
գործ
կրնային
ունենալ
անօթի
յիմարներէն
զատ
ուրիշներ,
այսինքն՝
մարդեր,
որոնք
խելք,
ուժ,
պոմպա
ունէին։
Հարիւրապետը
տեսա՞ծ
էր
հեռացող
հովիւները։
Ան
չտեսաւ,
այսինքն՝
չուզեց
զբաղիլ
վտանգաւոր
այդ
մարդերով,
որոնք
կրակին
դէմ
պարտաւոր
էին
կրակ
ընելու
`
առնուազն
փրկելու
համար
իրենց
ազգային
արժանապատուութիւնը։
Կուսակա՞լը։
Բանտերուն
փորձառութի՞ւնը։
Հայերու
աչքին՝
անճարակ
ընկրկումը։
Ու
այն
շատ
վճռական
հրահանգը,
որով
ոստիկաններու
գործածութիւնը
կը
ճշդուէր
շատ
որոշ
նպատակներու։
Հարիւրապետ
մը
չէր
կրնար
վտանգել
իր
մարդոց
կեանքը,
նոյնիսկ
պետութեան
սուրհանդակը
կողոպտող
արքենի
յուղկահարներու
դէմ
քշելով
զանոնք։
Ու
ալպանացիները
աւելի
վտանգաւոր
էին,
քան
լերան
ասպատակները,
վասնզի
կը
սպաննէին,
այսինքն՝
օդի
չէին
նետեր
։
Երկու
վայրկեան
չէր
տեւած
անոնց
խուզարկութիւնը։
Մա՞րդ։
Չէին
գտած։
Գինիի
տակառիկ
մը,
շատ
մը
պարապ
սրուակներ
քինին
ի,
որոնք
յայտնի
զգուշութեամբ
մը
դրին
գետին։
Քոմիթաճիները
հեքիաթին
դեւերուն
հետ
կը
շփոթուէին
անոնց
մտքին
մէջ։
Ձկնորսները,
բարի,
ապահով,
միայն
թուրքի
դէմ
ըլլալու
խուլ
մղձուկի
մէջ,
նայեցան
դարձողներուն
ու
մնացին
լուռ։
Ոստիկան
մը
շրջեց
տակառիկը
եւ
հեղուկը
հոսեցաւ
`
կարմիր
ու
դեղին։
Սեւամորթը
սկսած
էր
իր
պաշտօնը։
Կը
հայհոյէր
բարձր,
յստակ,
գեղեցիկ,
դաշնաւոր,
իր
խռչակին
խորերը
լաւ
մը
տափկըցնելով
ու
ճաթեցնելով
ձայնաւորները
ու
արտաբերած
պատկերին
վրայ
ձեւելով
ձայնին
ծաւալը,
իւղոտ
կամ
մեղմ,
նայելով
մարմնի
մասին,
որ
խնդրոյ
նիւթ
էր
բերնին
մէջ։
Սեռական
գործարանները
ատաղձը
կու
տան
այդ
ստեղծումին
եւ
կ՚ընեն
զանոնք
բարակ
կամ
հաստ,
աղտոտ
կամ
սլացիկ,
մարդէ,
կնիկէ,
երանգով
տարբեր՝
հարսէ
ու
աղջիկէ։
Ու
թուրքերը
այդ
հայհոյութիւններէ
զերծ
չեն
նկատեր
օրանի
տղան՝
ինչպէս
դեռ
լոյս
չտեսած
սաղմը։
Դա՞ս
կը
պատմէր
այս
մարդը,
թէ
արաբերէն
բայ
կը
խոնարհէր,
պետական
վարժարաններու
այն
ատենուան
ընթացիկ
մշակոյթը,
զոր
բոլոր
զինուորականները
փորձ
ած
էին
ատենին։
Հակառակ
պահին
անդոհին,
սեւամորթին
բառերէն
անհեթեթ
յիմարութիւն
մը
տարածուեցաւ
դէմքէ
դէմք։
Չաւուշները
նշանացի
ջանացին
արգիլել
այս
այլանդակ
քարոզը,
բայց
խղդուեցան
անդիմադ
ր
ելի
խնդուքին
մէջ։
Հարիւրապետը,
չմատնելու
համար
իր
ծիծաղը,
պնդացուց
ինքզինքը
`
գլուխը
եղէգնուտէն
դարձնելով
դէպի
առաջ
`
ձկնորսներուն.
-Ո՞ւր
են
հովիւները։
-Հոս
չեկան,
աղա։
Հաստատ
ու
իրաւ։
Աղուէսն
անգամ
տարբեր
պիտի
չդատէր
այդ
պատասխանը։
Հայը
գո՞հ
էր
իր
բառերէն։
Անիկա
լսեր
ու
սորվեր
էր
աղա
ըսել
ամէն
թուրքի։
Կ՚ըսէր
ատիկա
ծերերուն՝
ինչպէս
իր
կէսը
տարիք
ունեցողներուն։
Ու
անծանօթ
էր
տիտղոսներու
սանդուխին։
Պէյը,
փաշան
անոր
մտքին
մէջ
գրաւած
ըլլալու
էին
շատ
աւելի
տարբեր
պատկեր
մը,
քան
ուսնոցներով
ու
կարմիր
երիզներով
իր
զինուորներէն
հազիւ
զատուող
սա
մարդը։
Ոստիկան
մը
հրացանին
բունը
իջեցուց
անոր
քիթին,
որ
վայրկենապէս
արիւնեցաւ։
Ուժո՞վ։
Պէտք
չկայ
բացատրելու
շարժումը։
Դեղին
պղինձէ
հաստ
շերտ
մը
կը
պաշտպանէ
մաուզէրներուն
կոթին
այդ
մասը։
Առատ
սեւի
մօտ
հեղուկը,
անընդմէջ
հոսումով
բացուեցաւ
անոր
ճերմակ
վարտիքին
`
քմայքի
վարդեր
բուսցնելով
անոր
ակօսներուն։
Ցաւը
ճմռկած
էր
անոր
այտերը,
որոնք
գոմշու
մը
կռնակին
մորթին
նման
ճեղ-ճեղ
փոթուեցան։
Հայո՜ւ
երես,
այդ
աղբին
ու
տրտմութեան
մէջ։
Այդ
անկարողութեան
ու
անմեղութեան
դէմ։
Հայո՜ւ
երես,
երբ
ըլլաս
աւելի
թարմ,
էգ,
թուրքին
կիրքին
դէմ։
Յանցա՞նքը
ձկնորսին,
–
սխալ
էր
գործածեր
տիտղոսը։
Հարիւրապետը
դէպի
փաշայութիւն
առագաստ
պարզած,
անհնարին
ատելութեամբ
կը
պատուհասէր
զանցառու,
հերետիկոս,
անգէտ
շրթունքները։
Իր
մարդերը
արտօնուած
էին
առանց
հրամանի
սպասելու,
խորտակել
ակռաները
ամբարիշտներուն։
Մարդը
բռնած
էր
քիթը
ու
անոր
ափէն,
ինչպէս
մանրանկար
գուռիկէ
մը
հեղուկին
բարակ
թելը
կը
թափէր
հանդարտ,
ցաւին
ու
ամօթին
անտարբեր։
Թողուցին,
որ
վազէ
արիւնը։
Տեսարանին
վայելչութի՞ւն
կը
բերէր,
թէ
մարդիկ
իսկապէս
պէտք
ունին
այդ
հոտին
ու
գոյնին
մռայլ
ներգործութեան։
-Ո՞ւր
են
հովիւները։
Ուրիշ
մըն
էր,
երկրորդ
ձկնորսի
մը,
աւելի
մատաղատի,
չոր
ու
դեղնած։
Բայց
ինչո՞ւ
չէին
հարցներ
քոմիթաճիները։
Ոստիկանները
երբ
գաւառակ
մը
կամ
գիւղ
մը
կը
ձգեն
որոշ
հետապնդումով,
լուսաբանուած
կ՚ըլլան
այդ
նպատակին
մասին։
Հարիւրապետը
զանոնք
պիտի
տանէր
հայ
գեղը։
Ու
եթէ
չէին
զարմանար
այս
ձկնարանին
մէջ
ըլլալ
ն
ուն,
որովհետեւ
ծեծուելիք
հայ
կար
գոնէ,
բայց
չէին
ալ
հասկնար
այս
յապաղումը։
Անոնք
դժուարութեամբ
պիտի
սուզուէին
ալպանացիներուն
ետեւէն։
Ու
ճիշդ
ատ
պատճառով
է,
որ
կը
հարցնէին,
հասարակաց
հարցումը։
-Հոս
չեկան,
էֆէնտի,
-
պատասխանեց
դեղնած
տղան,
որ
սկսած
էր
վախնալ
իր
ընկերոջը
արիւնին
չափէն։
Ամբողջ
վարտիքը
ներկուած
էր
գրեթէ։
Ու
անզգոյշ
մատներով՝
հեղուկը
երեսին,
մազերուն,
մարմինին
առհասարակ
բաց
ուրիշ
մասերուն
վրայ
կը
գծագրէր
այն
սոսկալի
խազխզումը,
որ
փողոտուած
դիակներէն
կը
սրբէ
մարդկային
դաշնակութիւնը
եւ
ասոր
կնիքը
`
վերածելով
մարմին
ը
այլանդակ
կոյտի։
-
Պառկեցուցէք,
-
գոռաց
հարիւրապետը,
ու
նայեցաւ
ժամացոյցին։
Մտքով
կը
չափէր
ճամբան,
քննութեան
տեւողութիւնը,
գիշերը
կէսին
վերադարձ
մը
եւ
Նայիլէ
հանըմին
անկողինը։
Սրբեց
ձեռքին
կռնակովը
այս
պատկերները
աչքին
ցանցերէն։
Առանց
իր
հրամանին
սպասելու,
միայն
դէպքերու
ստացած
իրենց
ծանօթ
գնացքէն,
անոնք
պառկեցուցած
էին
տղան։
Այնքան
յաճախ
այս
սկիզբը
ունէին
ծեծերը,
որ,
վերջ
ի
վերջոյ,
ոստիկանական
բերանացի
օրինագիրքին
մէջ
մուտք
էր
ստացեր,
ինքնաբերաբար
գործելու
այս
ձեւը։
Ամէն
ոստիկան
համոզուած
է,
որ
ամէն
գեղացի
սուտ
կը
խօսի
իշխանաւորին։
Իսկ
երբեք
իրաւ՝
հայ
գեղացին,
երբ
հարցը
կու
գայ
ոստիկանութենէն
ծածկելու
փախստական
թուղթ
կամ
մարդ,
զէնք
կամ
վառօդ։
Տղան
չըրաւ
ոչ
մէկ
ճիգ։
Վասնզի
տեսեր
էր
անոր
հետեւանքը։
Ոստիկանները
հարկ
չտեսան
կապելու
անոր
ձեռքերը
կռնակին,
գուցէ
դիտմամբ,
որպէսզի
պատեհութիւն
ունենան
թեւերն
ալ
կոտրտելու։
Մէկը
մաուզէրին
կաշիէ
կապը
անցուց
անոր
երկու
ոտքերուն։
Ուրիշ
երկուք՝
մէկը
փողէն,
միւսն
ալ
բունէն,
դարձուցին
հրազէնը
ինքն
իր
վրայ
ու
պրկեցին։
Կազմուած
էր
պաշտօնական
ֆ
ալախան։
Ծեծեցին,
կարգաւ։
Գործիքը՝
սեւամորթին
մահակն
էր։
Ով
որ
չէ
ըմպած
այդ
անաստուած,
թուրք
«գանը»,
գաղափար
դժուար
պիտի
կազմէ,
թէ
ի՛նչ
ճամբով,
ուժով,
մարդկային
սիրտէ
մը
այսքան
կարծրութիւն,
քարութիւն
կը
ճարենք
մենք։
Կը
հայհոյէր
սեւամորթը։
Ոչ
ոք՝
բացի
երկու
հայերէ,
կը
նայէր
Նալպանտենց
Սերոբին,
որ
կռնակը
դարձուցած
տեսարանին՝
իբր
թէ
եղէգնուտը
կը
զննէր։
Բայց
անոր
հոգին
կը
դողդղար
խորունկ-խորունկ։
Որքան
տեւեց
այս
մռայլ
պատկերը։
Դեղին
տղուն
ներբաններէն
արիւնը
պոռթկած
էր
արդէն
`
ազատելով
կաշին,
օծուն
կոթը,
ու
ծեծողներուն
քիթն
ու
բերանը։
Ցաւին
տակ
անոր
իրանը
նետուեր
էր
վեր
կիսակամուրջ,
քովնտի,
գալարուն։
Ակռաները՝
հիւսք,
չպոռալու
համար
ու
չխածնելու
համար
լեզուն։
Գոցուած
էին
աչքերը,
տարօրինակ
բնազդով
մը,
որ
ծեծը
կը
շփոթէր
երկինքէն
շրջուած,
վրան
թափուած
կրակի
հետ։
Մէկ
ափին,
մատներուն
գիծէն,
ճանկռտուքը
հաւաքած
էր
աւազի
խաւ
մը,
սեւ,
բզկտուած,
բայց
թաղումի
պէս
եղերական,
որ
տպաւորեց։
-Ձգեցէք,
-
հրամայեց
հարիւրապետը։
Ան
թաղուած
ափին
ու
իր
մազերը
սանտրող
մատներուն
մէջտեղը
տարուբերուեցաւ։
Հեշտանքը
մեզ
անգութ
կ՚ընէ,
գուցէ
նախանձէն,
այսինքն՝
մեր
իսկ
ուժերը
միայն
մեզի
պահելու
խուլ
ու
խորունկ
ձգտումէն։
Անոր
մտապատկերը
կը
զարտուղի
երբեմն
օրէնքէն
`
մեզ
ընելու
համար
թոյլ
եւ
մեզի
օտար։
Քակեցին
մաուզէրը։
Տղան
ինկաւ
մէկ
կուշտին՝
ինչպէս
ձիու
մը
կռնակէն
վար
առնուած
պարկ
մը։
Դեղին՝
մահու
չափ։
Ոչ
ոք՝
որ
զբաղէր
իր
նուաղումով։
Նալպանտենց
Սերոբը
աչքին
պոչովը
գտաւ
տեսարանը,
փախցուց
իսկոյն
նայուածքը։
Ի՞նչ
կը
զգար։
-Ո՞ւր
են
հովիւները։
Երրորդը,
զարհուրանքէն
ու
մտապատկերէն
շշմած,
չհասկնալով
իր
ներքին
անէացումին
բուն
պատճառը,
մնաց
պաղած։
Կը
մտածէ՞ր։
Յիշողութի՞ւն,
թէ
ճշմարտութիւն
կը
հաւաքէր։
Հետզհետէ
հարցնողին
դէմքին
ինկաւ
անյատակ
ատելութիւն,
բացառաբար
թուրք
ու
անպարագիծ,
որ
փոս
մը
աչքին
մէջ
աշխարհք
մը
թոյն
կը
դիզէ։
Խեղճ,
միջին
մարդն
էր
ան,
որուն
կ՚ուղղուէր
դասական
նախադասութիւնը։
Թուրքերուն
ծեծը
կերած,
ատենին,
բանտին
մէջ։
Զինքը
կապած,
ծունկի
դրած,
վիզը
տախտակին
փակցուցած
եւ
դաշոյնը
քսած
ալ
էին
ծոծրակին,
բայց
չմորթած,
ծերուկ
բանտարկեալի
մը
աղաչանքին
զիջելով,
որ
թուրք,
մարդասպանութեան
համար
երկու
անգամ
կերած
տասնհինգ
տարի,
փոքր
խնդրով
մը
այդ
օրերուն
բանտ
էր
ինկած։
96ի
դէպքերուն
այս
կարգի
ներքին
տրամներ
ու
խղճմտանքի
անըմբռնելի
փաստեր
դիտուած
են
ոճրագործներու
տարեգրութիւններէն։
Շնորհած
էին
անոր
կեանքը,
բայց
օր
մը
ամբողջ
թակած,
դուրած,
ոսկորը
միսէն
կակուղ
էին
ըրած։
Յիշե՞ց
տեսարանը,
երբ
բան
մը
ըսած
ըլլալու
համար
նշանացի,
գլխուն
կողմէն,
տուաւ
ուղղութիւնը
կովերուն
գիծին։
-Քանի՞
հոգի
էին։
-Չհամրեցի։
-Պառկեցուցէ
՛
ք։
Սպան
չէր
հրամայողը։
Ու
պէտք
ալ
չկար
ասանկ
հրահանգի։
Ամէն
ոստիկան
անգամ
մը,
որ
մտնէ
սեւ
իր
տարազին
եւ
արնագոյն
պատկերին
մէջ,
ինքնաբերաբար
կը
գնէ
դէմք
մը,
ուր
շատ
մը
տխուր
հաստութիւններու
հետ,
կ՚արձանագրուի
մա՛նաւանդ
ցեղին
կոյր
ու
խուլ
հոգեհեղուկը,
այն
որակումէ
խուսափող
կարծր
բանը,
որ
աշխարհի
զգայութեան
մէջ
ունի
իր
մասնաւոր
կնիքը։
Թուրքը
բառ
մըն
է՝
պատմութիւն
ըլլալէ
առաջ։
Ուրիշ
ժողովուրդի
մէջ
ոստիկանը
ապահովութեան
զգացում
մը
կը
ծաւալէ
իրմէն
դուրս։
Հայու
մը
համար
անոր
հանդիպումը,
ո՛ւր
ալ
ըլլայ,
չարագուշակ
է։
Դուք
գիտէք
մատով
հաշիւները,
որոնք
կը
գործեն
անոր
ընտրութեան
մէջ։
Գեղացի՛,
հարկադրաբար։
Բայց
գեղացի
մը,
որ
չկրնայ
տող
մը
բան
գրել
ու
զրկուած
ալ
ըլլայ
ընդմիշտ
այդ
բախտէն։
Բայց
արուեստական,
կազմակերպ
ո
ւած
միջոցներով
ալ
ետ
տարուած,
դէպի
դարերը,
երբ
ձիուն
ոտքին
չեփած
ոսկորը
կը
կրծէ,
ամէն
անգամ,
որ
անիկա
շփուի
զոհին
հոտին։
Ան
պիտի
դադրի
մօտիկ
իր
ներկայէն,
ցորենի,
պտուղի,
մարգի
մարդու
իր
կէս-կրթանքէն
ու
պիտի
վերադառնայ
տափաստանի
կենդանիին,
կէս-մարդ,
կէս-անասուն։
Աւելցուցէք
քաղաքականութեան
ալ
կրակը
այս
գազանին
արիւնին
մէջ
(ու
մի
աճապարէք,
վասնզի
մարդիկ
շատ
հեռու
չեն
իրարմէ,
երբ
կը
խմեն
գինին
կուսակցական
եղջիւրէն։
Ամենակիրթ
ցեղն
անգամ
քիչ
կը
տարբերի
տափաստանի
թափառիկէն
կամ
թուրքերուն
ժանտարմայէն,
երբ
իր
զաւակները
կը
փողոտէ
քաղաքական
ատելութեանց
կրկէսէն)։
Ու
թուրքերուն
համար
այս
ատելութեան
հսկայ
հնոցը
կեավուրին
գոյութիւնն
է։
Յիսուն
տարի
շարունակ
մեր
երեսին
տուին
մեր
տուները,
քաղաքներուն
մէջ
մեր
խանութները
եւ
չյիշեցին
իրենց
սուլթաններուն
հաշիւները։
Անոնց
ազգայնականութիւնը
արդիւնք
ու
պատճառ
է
նոյն
ատեն։
Թուրքը
–ժանտարմա,
սպայ,
մինչեւ
իսկ
փատիշահ
–
սովորական
խանդէն
գերիվեր
ջերմութեամբ
կը
նետուի
կրակին,
երբ
կեավուրին
արիւնը
հասնի
իր
հոգիին
քիթին։
Ու
ծեծը
տակաւին
արդարութեան
առաջին
խորհրդանիշը
կը
կազմէ
թուրք
կարգերու
մէջ։
Ամէն
ոստիկան,
տղու
տարիքէն,
համը
առած
է
անոր
հուրքին,
հօրենական
ձեռքերէ։
Անոր
ընտանի
է
զօրանոցին
մէջ,
ուր
կարգապահական
պերճ
ու
հզօր
միութիւն
մըն
է,
ազդեցիկ,
առանց
ծախքի,
տուողին
համար
դիւրին։
Առնողը՝
թող
գրէ
ապառիկին
տետրակը։
Ամէնէն
ուշը
տարի՛
մը.
հարկաւ
բանակներու
աստ
ո
ւածը
հայ
մը
կը
դնէ
իր
ճամբուն։
Ասոր
համար
է,
որ
զայն
կ՚ընդունի
հնազանդ,
հաշուող,
հարիւրապատիկ
հատուցանելու
երազէն
սփոփուն։
Թերեւս
տժգոյն,
որովհետեւ
բաւական
հեռու,
արձագանգն
է
անիկա
այն
օրերուն,
երբ
քրիստոնեա
ն,
գերին
իբր
փորձի
անօթներ
միայն
արժեցին
անոնց
դանակի
մարզանքներուն,
արիւնի
ախորժակներուն։
Օտար
ափերու
վրայ
ձեր
տեսածէն
մի
մոռնաք
այս
իրողութիւնները
եւ
մի
չափէք։
Մարդիկ
ջարդերը
կը
կարդան
ինչպէս
վէպ
մը։
Բայց՝
ո՞ւր
վիպասանը.
ո՞ւր՝
իրականութիւնը։
Ո՛վ
պիտի
տայ
այն
հոգեվիճակը,
որ
եղաւ
մեր
գեղերունը,
Ջարդի
օրերուն
ու
անկէ
ետքը։
Սուտ
չէր,
ոչ
ալ
բարբարոս
–
ի՛նչ
տժգոյն,
դիւրին,
ողորմելի
է
այս
ածականը,
երբ
կանչուի
պիտակելու
թուրք
ոստիկանը
–
ենիչէրին,
երբ
իր
դանակը
սրելէ
յետոյ,
դուրս
կ՚ելլէ
զօրանոցէն
եւ
անոր
հատուութիւնը
փորձելու
համար
այծին
եւ
կեավուրին
վիզերը
կը
վերածէ
նոյն
արժէքին,
թերեւս
քիչ
մը
նեղուած
ալ
անասունին
կաթին
եւ
փորի
ուլին
հաշիւէն,
բայց
երբեք՝
կեավուրին
հայր,
եղբայր,
տղայ
ըլլալու
պատկերներէն։
Այս
պատմութեան
օրերուն
Հայկական
սպանդը
թարմացուցած
էր
ոստիկանին
առհաւութիւնը։
Ու
մթնոլորտին
մէջ
կը
բաբախէին
անգթութիւնը,
թրքութիւնը,
տափաստանի
եւ
անապատի
կարծրութիւնը։
Թուրքերու
վարիչները
անխելք
եղան
իրենց
արեւմտեան,
կէս-եւրոպական
քաղաքականութեան
մէջ,
որ
ըրաւ
անոնց
ոստիկանները
քիչ
մը
կնիկ,
լաւ
հագուած,
ճերմակ
ձեռնոցով,
ջարդի
համար
շատ
գէշ
զինուած,
թեթեւ,
թերահաւատ,
զգուշաւոր
ու
կծծի։
Անոնք
պարտուեցան
իրենց
հակառակորդներէն,
որովհետեւ
շատ
հեռացած
էին
նախճիրին
ձգողութենէն։
Շուները,
առանց
երեւալու,
բայց
խորապէս
վրդովուած
հարուածին
արձագանգէն,
կը
դանկըտէին
տարածութիւնը,
լեղի,
խոշոր,
խորանարդ
կաղկանձով
մը,
որ
անմիջապէս
կը
զատուի
աննպատակ
ու
ցոյց
հաջիւնէն։
Գայլի,
սպանդի
ստուեր
մը
նշմարելի
է
այդ
ոռնումին
մէջ,
շատ
հեռուներէն։
Վտանգէն
թրթռուն,
այլափոխուած,
այդ
կաղկանձը
կը
մօտենար,
կ՚ընկրկէր՝
վերադառնալու
համար
կրկին,
աճելով
մարդկային
անձուկին
օդածաւալ
խռովքովը,
ինչպէս
կը
տրուի
դիտել
կռիւներու
սկիզբին,
երբ
արիւնը
թափի
պիտի,
հպատակելով
մարդկեղէն
ցուցմունքի։
Յարձակո՞ւմ։
Ստոյգը
ան
էր,
որ
եղէգներու
գիծը
բռնուած
էր
հովիւներէն։
Անոնց
թիւին
սակաւութիւնը
չէր
երաշխաւորուած
քարտուղարին
ռազմագիտութեամբը։
Ու
թարմ
էր
օրինակը,
ուր
չորս
հովիւ՝
Զատկի
ըմբշամարտութեան
մը
յոգնախուռն
հանդէսին
մէջ,
աննշան
պատրուակով
մը,
նետուած
էին
գետին
ու
անդադար
կրակելով
ու
սողալով
իրենց
երեսին
վրայ
միշտ
ետ,
անցեր
էին
ահագին
բացաստանը
`
ամրանալու
համար
բլուրին
փէշերուն։
Մեծ
խուճապ։
Մեռած
էին
տասնհինգ
մարդ,
որոնց
երեքը
կին
ու
չորսը
մանուկ։
Կառավարութիւնը
փոխանակ
ալպանացիները
հետապնդելու,
բանտարկած
էր
գիւղացի
երիտասարդութիւնը,
վասնզի
հայ
էին։
Պատահարը՝
աւելի
փոքր
ծաւալով,
կնիկի
ալ
պարունակէն,
կը
կրկնուէր
թուրք
գեղերու
գլխուն։
Ոստիկան
մը
նշմարել
կարծեց
հրացանի
մը
փողը,
եղէգնուտին
ընդմէջէն։
Բայց
այսպէս
վճռական
պահերու
մեր
բնազդը
կը
ճարէ
իրեն
յատուկ
իմաստութիւն
ու
դատում։
Անձին
պաշտպանութիւնն
է,
որ
կը
վարէ
այս
մութ
սլաքը
եւ
անմեկնելի
հաղորդումով
մը
տասը-տասնհինգ
մարդ,
առանց
արտաքնապէս
իրարմէ
ազդուելու,
ներքնապէս
միացած
կ՚ըլլան
վճիռի
մը
վրայ։
Ու
այդ
վճիռը
միշտ
անձին
շահն
է,
որ
կը
վահանէ։
Վասնզի
ճիգէ
փախուստը
ոչ
մէկ
ատեն
կը
ներկայանայ
այնքան
բնական,
որքան
ստոյգ
վտանգի
մը
դէմ։
Վատութի՞ւն…։
Անշո՛ւշտ,
երբ
բառը
զետեղենք
ռոմանթիք
շղարշին
տակ։
Որքան
ատեն,
որ
մարդը
–
տեսէք
սովորականը,
ոստիկանը
–
չէ
բռնադատուած
կռիւի,
պիտի
խուսափի
անկէ։
Ի՛նչ
հարկ՝
ճահիճը
ճեղքելու,
փորձանք
ու
վտանգ
ու
նախատինք
ալ
ընդառաջելու,
կրակի
վարժ
ու
անաղիք
գազաններու
դէմ,
որոնք
իրենց
գառնենի
զգեստէն
եւ
մարթինէն
զատ
բեռ
ալ
չունէին
ո՛չ
կռնակէն,
ո՛չ
սիրտէն։
Շուները
հեռացան։
Այսինքն՝
մեղմ
սոյլով
կանչուեցան։
Քարտուղարը
ինկաւ
վերստին
իր
արժանաւոր
սարսափին
մէջ։
Յետոյ՝
տեսարանը
վերածուեցաւ
իր
մենութեան
ու
հողին
ընդհանուր
ցուցմունքին։
Անոք
ու
անզէն
մարդեր։
Տիրող
եւ
զինուած
մարդեր։
Երկու
ցեղերու
դարաւոր
ատելութիւն։
Թարմացած
գազանութիւններ։
Ու
ոստիկանները
յիմար
չեղան
`
տրամադրուած
դժգոհ
մնալու։
Ծեծեցին
երրորդն
ալ։
Շուներուն
հեռացումը
պատկերին
դարձուց
անկարելի
տրտմութիւն։
Տրտում
էին
նոյնիսկ
ծիծաղները
չկրնալ
սպաննելնուն։
Ու
հայերը՝
չկրնալ
մեռնելնուն։
Խաչ
չհանեցին
զոհերը
`
կրկնելու
համար
մեր
պատմութեան
դասական
խորհուրդը։
Ձկնորսը,
տարիքն
առած,
խորտուբորտ,
դիմադրելու
քիչ
ատակ՝
փորձեց
պոռալ։
Գուլ
բերնէն
դանակը
–
ոստիկաններու
սուինները
երկսայրի
չէին
դաշոյնի
նման
–
ջախջախեց
անոր
քիթը։
Լռութիւն։
Յիմարութիւն
էր
հեստել
այս
ազդարարութեան,
աստուածային
սա
ամայութեան
մէջ։
Վասնզի
մատի
փոքր
շարժում
մը
բաւ
էր
դանակը
դարձնելու
սուր
իր
բերանին։
Ո՞վ
կ՚արգիլէր,
որ
չորսը
մէկ
հոդ
պատառ-պատառ
չմանրուէին
ու
չթափուէին
լիճին
ձուկերուն։
Սպաննելու
ատեն
ոստիկանը
օրէնքին
ամբողջ
պաշտպանութիւնը
ունի
իր
քամակին։
Ծերուկը
ակռաները
թաղեց
աւազին
մէջ
ու
մնաց։
Բառ
չկայ
տալու
համար
պատկերին
երկու
երեսները,
հոգիներու
գիծէն։
Թուրքերը
յոգնա՞ծ
էին։
Հարիւրապետը
զբաղած
էր
գրելու։
Ոստիկանները
սուին
անցուցին
իրենց
հրացաններուն։
Չորրորդ
հայը,
մահէն
անդին
մտնողի
մը
պէս,
կը
նայէր
հանդարտ,
ինքզինքը
ձգած
իր
ճակատագրին։
Ոստիկան
մը
մարթինին
բունովը
կը
ջանար
կոտրել
սուլֆաթոյի
պարապ
շիշ
մը,
որ
կ՚ընկրկէր
դէպի
հողին
փորը
եւ
կը
դիմանար։
Անոր
աղմուկը
արթնցուց
զբաղումէն
գեղանի
սպան։
Նայեցաւ
հայերուն
վրայ
ու
հրամայեց.
-Կապեցէք
չորսն
ալ
իրարու։
Ամէն
ոստիկան
իր
ձիուն
քամակին
տրամադրելի
ունի
չուան,
երկաթեայ
ձեռնակապ
ու
ոտնաշղթայ,
բոլորը
լաւ
մը
պահուած
տոպրակի
մէջ։
Չորսն
ալ
կապեցին,
իրարմէ
բաց-բաց,
թեւերնուն
մէկէն։
Ձեռնակապը
աւելորդ
էր,
ոտնաշղթան՝
անկարելի,
վասնզի
արդէն
դժուար
կը
կենային
ոտքի։
Սպաննե՞լ։
Հարիւրապետը
խմբագրեց
իր
տեղեկագիրը։
Երեւան
հանուած
էր
խռովութեան
զօրաւոր
բոյն
մը,
լիճին
երկու
ափերու
գիւղերը
իրարու
կապող։
Քոմիթաճիները
կրնային
եւ
պարտաւոր
էին
գործածել
այդ
դժուար
գիծը,
իրենց
պոմպաները
եւ
տինամիթները
փոխադրելու
համար
հայ
գիւղերուն,
որոնք
ծրագրած
էին
անկախ
Հայաստան
մը
կազմել
այդ
շրջանին
մէջ։
Չորս
ձկնորսները
անշո՛ւշտ
որ
քոմիթաճիներուն
գործակալներն
էին,
ծուարած՝
կառավարութեան
ճիշդ
պոչին։
Անոնց
վկայութիւններուն
մէջ
հակասական
բառեր
ու
բացատրութիւններ
կը
հաստատէին
անպատճառ
այդ
կազմակերպութեան
անիծեալ
ծրագիրը։
Ու
այդ
տուեալներուն
վրայ,
առաջին
այս
պարագլուխները
կը
ղ
րկուէին
գաւառակին
պատկան
դիւանին։
Անհրաժեշտ
էր
խորացնել
քննութիւնները
եւ
քակել
այդ
գաղտնիքներուն
կնճիռը։
Կը
հաղորդուէր
հիւղակին
խուզարկութիւնը,
գտնուած
մեծաքանակ
պարապ
շիշերը,
որոնք
թէեւ
քինինին
պիտակ
կը
կրէին,
բայց
կը
պարունակէին
ալ
ճերմակ
փոշիի
հետքեր։
Անհրաժեշտ
էր
քիմիական
վերլուծումով
ստուգել
այդ
փոշիին
նկարագիրը։
Ուստի՝
կը
յանձնուէր
այս
քոմիթաճիներուն
գործը
հարցաքննութեան
դիւանին։
Տեղեկագիրը
կը
ծանրանար
այն
յամառութեան,
որով
«զզուելի
եւ
խռովարար»
այդ
մարդերը
նշանաւոր
էին
արդէն
կայսրութեան
բոլոր
դատարաններուն
առջեւ։
Անշո՛ւշտ
որ
արդարութեան
ձեռքը
երկար
է
ու
պիտի
յաջողի
ի
վերջոյ
խօսեցնել։
Ոստիկան
մը
եւ
սեւամորթը
առջեւնին
ձգեցին
կապեալները
եւ
դիւրին
ճամբէն
ուղղուեցան
գիւղաքաղաքը։
Տասը
քայլ
չըրած՝
ոստիկանը
վերադարձաւ
ու
փսփսաց
հարիւրապետին,
որ
նշանացի
հաստատումով
մը
ճամբեց
զինքը։
Ու
գետակին
մաքուր
ջուրը
ձգելով՝
անիկա
քշեց
կապեալները
ճահիճին
մէջ։
Հրամանն
էր
լուալ
վէրքերը,
որդնոտ
այդ
ջուրով
`
անհետելու
համար
ճապաղիքին
հետքերը։
Անիկա
չվախցաւ
ալ
կապերը
քակելէ։
Ծեծը
առած
ըլլալու
էր
անոնց
ոսկորներէն
ուժին
յետին
ծուէնը։
Անոնք
լուացին
արիւնները,
որդերը
մատով
վար
ընելով
վէրքերուն
լպրծուն
բերանէն։
Տեսակ
մը
տխուր
վեհափառութիւն
կը
տաղաւարէր
այս
թշուառութիւնը։
Իրենց
այլուրութիւնը
իրենց
արարքէն
եւ
պիտի
ըսուի՝
նոյնիսկ
իրենցմէ,
կը
ծաւալէր
անմեղութեան,
անգիտութեան
գողտր
պատկեր
մը,
հաւատարիմ՝
մարդոց,
այսինքն՝
մարմիններուն
ու,
համեմատական՝
ձեւին,
այսինքն՝
զգեստներուն։
Արիւնոտ
անոնց
անդրավարտիքները
ծածկեցին
կապուտիկ,
ով
գիտէ
ո՛ր
բարի
խաթունի
մը
խերով
կարկտուած
շալվարները։
Ու
անոնց
շապիկները՝
թուղթի
պէս
գունատ,
աւազէն
մրկած
ու
արեւէն
փխրուն,
անոնց
իրանին
կը
դնէին
պարզ,
շիտակ,
անաղարտ
ու
համակրելի
աղքատութիւն
մը։
Ոչ
մէկ
բառի
փշրանք։
Ոչ
մէկ
աղերսող
հայեացք։
Ու
իրարու
նման
էին
այս
կորակոր
հպարտութեան
մէջ
մատաղատին
եւ
զառամ
ծերը։
Անոնք
կապուեցան
իրարու։
Ու
մտան
քայլքի,
կէս
ոտքերով։
Վասնզի
ջուրին
խշխշուքը
թարմացուցեր
էր
վէրքերը։
Ու
կրակէ
աւազին
վրայ
անոնց
ոտքերը
կը
դնէին
սուր
ու
երկար
հետքեր։
Քառորդ
ժամ
յետոյ,
ուրիշ
ճամբայով,
որ
ճահիճը
կը
ձգէր
աջին,
հասողութեանը
տակ
հարիւրապետին
զէնքերուն,
քարտուղար
Թահսին
էֆէնտին
պատրաստուեցաւ
դառնալ
իր
պաշտօնատեղին
`
հազար
փառք
տալով
Աստուծոյ
եւ
քառսուն
հեղ
մտովի
արտասանելով
փորձութեան
այաթ
ը
(համար՝
Գուրան
էն),
երդում
ընելով
նոյն
ատեն
ցատկել
կուսակալին
վրայէն
եւ
հեռագրել
այս
անլուր
շահատակութիւնը
ուղղակի
կայսեր
պալատին։
Միւս
կողմէ՝
անիկա
հարիւրապետին
թելադրած
էր
գործունէութեան
ընդարձակ
ծրագիր
մը։
Ձերբակալութեանց
բազմութիւնը,
միշտ
տպաւորիչ՝
պիտի
կազմէր
հիմնական
փաստերէն
մէկը
կառավարութեան
ջանքին։
Յետոյ՝
ձերբակալուողներու
մասին
ընդհանուր
ցուցմունքներ,
–
բոլոր
կառապանները,
որոնք
կրնային
փոխադրած
ըլլալ
անիծեալները։
Բոլոր
անտառապահները՝
եթէ
խռովարարները
չէին
առած
խճուղին
եւ
քովնտի
ճամբաները
շահագործած։
Ու
գիշերապահները։
Բոլոր
անոնք,
որոնք
տեսած
կամ
լսած
էին
սանկ
հարիւրի
մօտ
մարդ,
ինչպէս
քանի
մը
տարի
առաջ
ըրած
էր
իր
նախորդը
քիւրտի
կտորի
մը
համար,
որ
ծեծ
էր
կերած
հայ
գեղին
մէջ,
սարսափներէն
քիչ
ետք,
հայհոյած
ըլլալուն
կեավուրներուն
Աստուծուն։
Ամբողջ
գեղին
«առաջաւորները»
բանտ
թափուեցան
հաշիւը
տալու
այդ
ամբարշտութեան։
Ան
վրան
առաւ
առժամեայ
բանտի
վերածել
պալատին
փայտանոցը,
օձոտ
ու
կարիճոտ,
բայց
կեավուրները
ուրի՞շ
բան
էին
արդէն։
Յետոյ՝
Սերոբէն
գաղտնի,
հրահանգեց
գազան
թափել
թաղականները,
հոգաբարձուները,
պաշ-տէրտէրը,
պաշ-վարժապետը
եւ
բոլոր
քիչ
մը
հաստ-կռնակ
«ախպար»ները։
Իր
հարազատ
բառերն
էին
ասոնք։
Այսքան
ընդարձակ
ծիրով
տարուած
ռազմավարութիւն
մը
ապահովաբար
գոհ
պիտի
ձգէր
Պոլիսը
(
հ
արիւրապետին
աչքերը
շողացին
յառաջիկային
փայլէն),
բայց
գոհ
ձգէր
պիտի
մա՛նաւանդ
յանձնաժողովը։
Առաջին
արդիւնքը՝
կրծօ՛նը։
Երկրորդ
արդի՛ւնքը՝
գաղտնի
էր
անիկա։
Նկատի
ունէր
երկու
պատանի,
նոր
դպրոցաւարտ,
որոնք
այս
հարցաքննութեանց
արձանագրութիւնները
պիտի
կատարէին
ցերեկը
պալատին,
իրիկունները՝
իր
տունին
մէջ։
Այս
լարուածքէն
դէպի
իր
նպատակը՝
նետին
ուղիղ
էր
ճամբան։
Շփեց
ձեռքերը
ուրախութենէն,
հանճարեղ
իր
գիւտին
համար։
Կրկնապատկուեցաւ
այդ
ուրախութիւնը,
երբ
ծրագրեց
այս
իրկուն
իսկ
կինը
ղրկել
Պոլիս
`
ինքզինքը
բոլորովին
ազատ
զգալու
համար։
Ու
կը
տրամաբանէր
պատուական
ծերունին
պետական
մարդու
մը
վայել
լրջութեամբ։
Կինը՝
անպատեհ
արարած
է
սեփական
տունին
մէջ։
Ու
կ՚երթար
անիկա
գրեթէ
մոռցած
ծեծին
կսկիծը,
որ
կը
հեւար
երակներն
ի
վար,
բայց
գրեթէ
գինով՝
թարմ
տղոց
մարմիններու
հեռանկարէն։
Անոնց
մեկնումէն
յետոյ
մնացեալները
պահ
մը
ինկան
վարանքի։
Ո՞ր
ճամբուն
հետեւիլ։
Հարիւրապետին
թաքուն
ու
արդար
փափաքն
էր
զգուշանալ
ալպան
ա
ցիներէն։
Շատ
հազուա
դ
է
պ
է,
որ
ժանտարման
ցասումով,
ասպարէզին
նախանձախնդրութեամբը
տարուի
գործելու։
Անհատական
նախաձեռնութիւն,
վտանգէ
ախորժիլ
–
չեմ
խօսիր
պարտականութեան
զգացումէն
–
այդ
մարդոց
համար
արգիլուած
գօտիներ
են։
Զինուորին
եւ
ոստիկանին
հոգեկան
տարբերութիւնները
էջեր
պիտի
գրաւէին։
Ոստիկանը
չեղաւ
նոյնիսկ
եռանդուն,
խիզախ,
որքան
ռէժի
ի
դ
էտերը։
Ու
թուրք
ոստիկանը՝
մարդ
կը
տարուի
նմանցնելու
դաշտերու
անգղին,
որ
դիակներու
առքովը
կ՚ապրի։
Ի՛նչ
աւելի
բնական,
զէնքի
մարդու
մը
համար,
քան
ճեղքել
դէպի
արեւմուտք
եղէգի
պզտիկ
թաւուտքը,
որմէ
անդին
մարդը
կը
տարածուէր
մինչեւ
ագարակին
շէնքերը,
պաշարողական
պարզ
շարժումով
մը
առնուազն
զինաթափ
ընել
սա
հովիւի
կտորները։
Վախէն
աւելի՝
բնական
ծուլութիւնը,
անգղութիւնը
տեղ
ունեցան
ու
կեցուցին
հարիւրապետը,
որ
հրամայեց
անցք
որոնել
դէպի
լիճին
հարաւ
ափը։
Անկէ
վեր՝
տափաստանները
հայ
գիւղին։
Դժուար
էր
ձեռնարկը
–
հեծեալը
քիչ
կը
գնահատէ
բնական
արգելքները
–
վասնզի
ճահիճին
եւ
լիճին
մէջտեղ
ատենին
բանուկ
ճամբան
հիմա
ծածկուեր
էր
ջուրով։
Տեղ-տեղ
հողի
կռնակ,
ժայռի
կոշկոռները
կը
վիրաւորէին
ջուրին
սաւանը,
որ
ալիքներու
նահանջին
ատեն
քամ
ո
ւած
ճերմակեղէնի
նման
կը
վերածուէր
հոսուն
աւազի։
Յետոյ
բարձրաձայն,
բայց
ինքիրեն
խորհեցաւ
կարիքին,
–
էտինքի
աղօթքէն
առաջ
անպայման
հասած
ըլլալ
հայ
գեղին
արտերը։
Աղօթքին
հետ
լծորդ
աղբիւրը,
աղբիւրէն
իր
միտքը
յաճախ
գրաւող
պատկե՛րը։
Ան
մտածեց
աչքէ
անցնել
աղբիւրները։
Որսորդ՝
ինքզինքը
նմանցուց,
միշտ
բարձրաձայն
այն
առիւծներուն,
որոնք
անապատին
մէջ
ջուրի
ակերը
եւ
անոնց
ընդերկրեայ
անցքին
վրայ
բուսած
թաւուտները
կ՚ընտրեն
իբր
թակարդավայր,
թաղուելով
սէզերուն
խորը,
սպասելու
համար
ջուրի
իջնող
ընտանի
եւ
վայրի
կենդանիներուն։
Այս
տեսարանը
իրեն
կտակուած
էր
պատին
գամուած
իւղաներկ
լուսանկարէ
մը,
խեղճուկ
հանրատան
մը
մէկ
սենեակէն,
որուն
առջեւ
կը
կենար
յաճախ,
հալածելու
համար
մլուկներուն
վայրագ
յարձակողականը,
աներես
ու
աղտոտ՝
չվախցող
նոյնիսկ
իր
համազգեստէն։
Այս
վայրկեանին
անիկա
արդէն
նկարին
առիւծն
էր,
բայց
ուղիղ,
սէզերու
պաշտպանութեան
չապաստանող։
Քոմիթաճինե՞րը։
–
Անշուշտ
կրնային
գայլ,
յովազ,
մինչեւ
անգամ
վագր
ըլլալ։
Առի՜ւծը
առիւծ
էր։
Անունը
տուաւ
ոստիկանի
մը,
ճերմկած
գրեթէ,
որ
քսան
տարիէ
ի
վեր
դատարանի
կոչնագիրները
եւ
ոստիկան-զօրքերու
հրահանգները
կը
փոխադրէր
գազային
բազմաթիւ
գեղերուն։
Հրամայեց
կազմել
յառաջապահ
թեւը։
Հարիւրապետը
դպրոցին
մէջ
կը
յիշէր
կատարած
ըլլալ
նման
արշաւներ
ու
յառաջապահի
կռիւներ
մղել
ռազմափորձերու
ատեն։
Անոր
ետեւէն
իջան
բարակ
կածանը։
Հատան
սէզերուն
մարդակերպ
տրցակները
եւ
լիճը
եղաւ
լիալիր՝
ինչպէս
աղեղը
հսկայ
լուսնակի
մը։
Ափը,
արեւելք,
կը
կորանար,
իր
եղջիւրները
հիւսելով
քովնտի
լեռներուն
դէպի
ընդերքը։
Աղեղը
դէպի
հիւսիս
յստակ՝
կիսամանեակ
մըն
էր
փրփուրի՝
արտերու
փէշին։
Դէպի
հարաւ
եղէգներու
թաւուտքով
կը
կտրտուէր,
կը
կորսուէր,
քիչ
մը
անդին
կրկին
կ՚ելլէր
երես։
Ջուրը
ծանծա՛ղ՝
հազիւ
ոտքին
կոճերը
ծածկելով
ձիերուն։
Խութքերը
բեկուած
յատակը
կը
պատմէին
բանուկ
ճամբուն։
Բայց
ո՞վ
կրնար
որոշապէս
իմանալ,
թէ
ալիքները
ինչե՜ր
խորտակած
էին
անոր
մարմինէն։
Հապա
ցեխուտքնե՞րը,
գիրքերուն
բառով՝
խրուտքնե՞րը։
Ճահիճ
ու
գետաբերանները
խարդախ
ալքեր
ունին։
Շատ
մը
լուղորդներ
իրենց
ոտքերը
չեն
կրցած
ազատել
ցեխին
շաղախէն
ու
կուլ
գացած
անոր
ընդերքին։
Ոստիկան
մը,
երկար
ձողով
մը,
ձիուն
քամակէն
կը
խորաչափէր
ջուրը,
բան
մը
ըրած
ըլլալու
յաւակնութեամբ։
Մինչդեռ
վստահած
էր
ինքզինքը
կենդանիին
բնազդին,
որ
չի
շփոթեր
հաստատուն,
աւազաքար
գետինը
կաւային,
բուսահող
ցեխուտքէն։
Շրջան-շրջան
ափին
այդ
մասը
կը
թաղուէր
լիճի
յորդումովը,
տարիներ
ետքը
դուրս
ցցելու
համար
սպնդացած
իր
կռնակը
արեւին,
որ
երկաթի
պէս
կ՚ամրացնէր
լխկած
կրաքարերը։
Վտանգաւոր
էր
այդ
անցքը,
իր
սէզերուն
անընդմէջ
թփուտներով,
երբ
ցամաք
էր`
յարմարագոյն
դարանը
կազմելով
աւազակներուն։
Վտանգաւոր
էր
իր
քացխած
խմորի
նման
սպնդացած
փոսիկներովը,
երբ
ջուրն
էր
տիրողը։
Երկու
պարագային
ալ
գործածական
էր
անիկա։
Մաքսանենգները,
մարդասպանները,
հիւսիսի
գեղերէն
փախստականները,
եւ
փոխադարձաբար,
զայն
կ՚ընտրէին
կարճ,
ամայի
ու
անմատչելի
ըլլալուն։
Պզտիկ
շեղում
մը
բաւ
էր,
որ
հոն
մխրճուող
մը
բռնուէր
ոտքերէն
եւ
քաշուէր
յատակ։
Հունէ
հուն
ձիերը
ճեղքեցին
գարշահոտ
ջուրը։
Նալպանտենց
Սերոբը,
բոպիկ,
վախուն
մոռցած
կնիկը,
Սողոմը,
կը
կոխէր
ձիերուն
սմբակովը
պղտորած
կէտերուն։
Ու
անոր
անստեւ
ու
կնիկ
սրունքները
կը
հալածուէին
շքեղ
տզրուկներէ
եւ
առաձիգ
օձերէ…։
Ժամ
մը
յետոյ
անոնք
կը
գտնուէին
գեղագիր
արտերու
մարզին
մէջ։
Հոդ,
լիճը
իր
մեծ
աղեղէն
յետոյ
դէպի
արեւմուտք
ինքզինքը
կ՚ոլորէ
ուրիշ,
աւելի
փոքր
աղեղիկներու
անընդմէջ
շարքով
մը։
Իւրաքանչիւր
աղեղ
իր
կիսոլորքին
մէջ
կը
շրջանակէ
հողի
տարօրէն
ներդաշնակ
հատուած
մը,
ոսկեգոյնի
մօտ,
բաց
երեսով։
Բարեբեր,
ա՛յնքան՝
որ
մարդ
տնկելուն
իսկ
կը
զղջայ։
Ու
անկէ,
այսինքն՝
քանի
մը
բերան
թիով
խառնշտկէ
հողը,
վստահէ
հունտը
ու
պառկէ
քիչ
անդին,
թզենիներուն
շուքին։
Սեխ,
ձմերուկ,
դդում,
վարունգ
կ՚առնեն
իրենց
կարօտը
հողէն,
ա՛յնքան
սրտանց,
որ
մարդ
կը
վարանի
զանոնք
մօտիկը
դնել
տեսակին
միւս
արարածներուն,
սովորական
արտերու
ընթացիկ
այդ
տիպարներուն։
Բանջարանոցը՝
նոյնպէս։
Բայց
անկարելի
էր
չառնուիլ
գեղեցկութենէն
թզենիներուն,
որոնք
անտառի
մը
աճումը
կը
ցուցադրէին։
Ծաւալուն,
բայց
մէկ
գիծով՝
անոնց
ճիւղերուն
վրայ,
դեղնորակ
ու
հսկայ
ծիծերու
նման
պտուղները
կը
կախուէին`
հոսելով
իրենց
խորհրդաւոր
շրթներէն
մեղրագոյն
հեղուկը։
Ճամբորդները
արտօնուած
են
փրցնելու
ուզածնուն
չափ,
վասնզի
միակ
արտի
մը
ծառերը
գեղ
մը
կը
կշտացնեն։
Հոս
ու
հոն
հիւղակներ,
ձկնորսի՝
բայց
առանց
հոսուն
ջուրի։
Սաւանով
կիներ,
որոնք
ծխախոտներուն
ճերմակ
կամ
կապուտիկ
զանգակներուն
մէջ
սեւ
տրտմութիւն
մը
կ՚արձանեն։
Ջորիներ,
էշեր,
իրենց
հսկայ
գլուխները
երկարած
գեղանի
ձիերու
գաւակին
մինչեւ։
Հողագործը,
զոր
յօրինած
է
քանի
մը
դարու
սա
ոսկեջուրը,
ոսկեփոշին
ու
ոսկեսար
լոյսը.
թո՜ւրք,
կորսնցուցած
մոնկոլեան
կնիքը
–
տափաքի՛թը
–
ու
աչքերու
նշաձեւ
գալարքը։
Այրերու
այդ
նրբացումը
կը
շեշտուի
կիներուն
գիծովը
ու
մարդ
կը
մտածէ
ցեղին,
ցեղերուն,
որոնք
նոյն
այդ
հողին
վրայ
իրենց
ձեւերը
ադամանդեցին
ու
փոշիացումէ
փոշիացում
ինկան
սա
տարազին։
Ու
խճուղին,
գեղին,
որ
կը
կորսուի
ձիթենիներու
անընդմէջ
անտառն
ի
վեր։
Տարպանտ։
Քոսոտ
պահակը,
ան
ալ
ոստիկանի
աւերածոյ
մը,
սարսափով
խոնարհեցաւ
հարիւրապետին
եւ
տուաւ
պատասխաններ։
Անշուշտ
քոմիթաճի
չէր
կրնար
տեսած
ըլլալ,
քանի
որ
այդ
«հընզըր»ները
կը
խուսափէին
արդարութեան
պողոտաներէն։
Անցան։
Սայլորդներ։
Կառքեր,
գոմէշի
եւ
եզի։
Գիւղացիներ,
հայն
ալ,
թուրքն
ալ։
Կը
մօտենային
հարաւի
ափին
առաջին
գիւղին։
Խճուղի
ոլորքէ
մը
տեսանելի
եղան
տուներ,
երկյարկ,
կրածեփ
ու
սանդուխ-սանդուխ
բլուրը
անկիւնող։
Ոստիկան
մը,
քառասմբակ,
կարապետեց։
Հարիւրապետը
կ՚ախորժէր
պաշտօնականութենէ,
ցոյցէ։
Թրքական
աւան,
փոքր,
սիրուն,
դասական
հրապարակով։
Ճամին,
դպրոցը,
քիչ
մը
բացօք՝
սրճարանը։
Այրերը
հոն
էին
ամբողջ,
դաշտին
գործերը
ձգած
իրենց
կիներուն։
Յարգալիր,
ոտքի՝
ընդունեցին
բարեւը,
որ
ոսկեկոթ
մտրակին
ծիրովը
ձեւուեցաւ
կարծես։
Հայկական
դէպքերէն
ասդին
ոստիկանները
արժէքի
ելած
էին։
Երկու
կրօնական,
մէկը
մանկահասակ,
միւսը
թոռմած՝
մօտեցան
իշխանաւորին։
Խօսի՞լ։
Անոր
պէս
բան
մը։
Քովերնին
էր
մուխթարը,
գիրէ
անմասն,
հաստ
փորովը,
որ
կը
յորդէր
գօտիէն։
Յետոյ
բացուեցան
չորսերնին
մէկ։
Այն
ատեն
գեղացիք
տեսան,
որ
վերի
գեղէն
չորպաճի
Սերոբը
կար։
Մէկը
աթոռ
հրամցուց
հարուստ,
փարլախ
էֆէնտիին։
Յետոյ՝
անոր
հետիոտն
ըլլալը
զարկաւ
ամէնուն
աչքին։
Չհամարձակեցան
հարցում
ուղղել,
բայց
ոստիկան
մը
աւելցուց
Սերոբէն
լսելի
ձայնով
մը.
-Մեզմէ
է։
Ամչցաւ
խորապէս։
Հաւա՞տքը
կը
փոխէր։
Թուրքերը
մնացին
վերապահ։
Սորված
էին
հայերուն
ամէն
ինչը
նկատել
խարդախ,
ամէնէն
առաջ
անոնց
հաւատարմութիւնը։
Պոլսոյ
խմբագիրներուն
յօրինումը
եղող
սա
մտայնութիւնը
ո՞վ
փոխադրեր
էր
սա
անկիւնը
մինչեւ։
Ու
սրճարանին
արիշին
ներքեւ
ծալապատիկ
յօրանջող
հաճի
ծերունին
մտքի
այդ
զառիթափին
վրայ
կատարելապէս
նման
կը
մտածէր
պալատներու
եւ
լեզուներու
տէր,
Եւրոպա
մեծցած
ու
դեսպանութիւն
ըրած
փաշային։
«Սոխին
անուշը
կ՚ըլլա՞յ»,
-
բանաձեւած
է
մեր
ժողովուրդը։
Տարազին
տակ
զետեղելով
արդար,
իմաստուն
վերապահում
մը,
ա՛ն՝
զոր
սորվեցուցած
են
իրեն
թուրքին
հետ
կենակցութեան
մռայլ
դարերը։
Թուրքերը
հեգնութեամբ
կը
շրջէին
տարազը։
Խմեցին
սուրճ։
Մեկնելէ
առաջ
հարիւրապետը,
խորհրդաւոր
առանձնացմամբ
մը,
ձիթենիի
մը
տակ,
խոստովանցուց
մուխթարը
եւ
ասոր
եղբայրը,
գեղին
ամէնէն
նշանառու
եւ
քաջահամբաւ
երիտասարդը,
որ
զինուորութենէն
նոր
դարձած,
կը
յայտնուէր
բացառիկ
ատելութեամբ
մը
հայերուն
հանդէպ
եւ
ամէն
Կիրակի
մինչեւ
եղունգները
զինուած
կը
բարձրանար
հայ
գեղը
խմելու,
հրացան
արձակելու
եւ
«կեավուր
ծեծելու
համար»,
բայց
գառնուկի
պէս
ետ
կը
դառնար
գեղը`
առանց
մէկուն
մազին
դպչելու։
«Աքաղաղն
իր
բունէն»,
ըսեր
է
ժողովուրդը։
Բայց
այդ
ելոյթները
անոր
վաստկած
էին
պատկառանքի
անուն
մը։
Ու
հայ
գեղին
տղաքը
գիտէին
ատիկա։
Հարիւրապետնե՞րը։
Անշո՛ւշտ։
Հինգ
վայրկեան
յետոյ
ճամբան
ուրիշ
ոլորքէ
մը
գտաւ
հսկայ
նոճին,
եռաթեւ,
որ
կը
խորհրդանշէր
հայ
գեղին
սահմանը։
Հող,
օդ,
ծառ
ու
թռչուն
փոխուեցան
մէկէն։
Նկատեցի՞ն,
որ
լայնցած
էր
Սերոբին
շունչը։
Գոնէ
այդ
տպաւորութիւնը
կը
տարածուէր
դուրս
ոստիկաններուն
դէմքէն,
բառերէն։
Գիտէի՞ն,
թէ
գեղի
մը
հոգին
կ՚երկննայ
մինչեւ
սահմանածայրը
իր
հողերուն։
Ամէն
օտարական
ծանօթ
է
այս
անորակելի
զգայութեան։
Աչքերնիդ
գոց
անցէք
գետնի
մը
վրայէն
եւ
ձեր
հոգին
պիտի
խօսի
ձեզի
ձեր
ոտքին
տակէն։
Իբրեւ
հարուստի
տղայ՝
Սերոբը
չէր
կապուած
այս
հոգեկան
յօրինումին
այնպէս՝
ինչպէս
կ՚ըլլայ
ատիկա
հողին
ու
դաշտին
մէջ
ոսկոր
ճարած
պատանիներուն
մօտ։
Բայց
մարդ
աւելի
շատ
իր
պապերուն
զգայնութիւններն
ու
ձիրքերը
կը
փոխադրէ
իր
երակներէն։
Այդ
լոյսին
տակ
հայն
էր
անիկա։
Ու
հայ
էին
բոլոր
դաւաճանները։
Հարիւրապետը,
ինչպէս
վարժուած
կենդանի՝
որ
կը
մտնէ
իր
բարեխառնութեան
օտար
ճնշումի
մէջ,
անհանգիստ
էր,
յանկարծական
եւ
ոչ-մեկնելի
անձուկով
մը։
Անուն
ունէ՜ր
այդ
գեղը
տակաւին
տասը
տարի
առաջ։
Անուն
էին
շիներ
անոր
տղաքը
Ողիմպոսէն
մինչեւ
Եգէական,
դանակով
ու
սիրտով,
առնութեամբ
ու
արիւնախանձ։
Ու
չէին
մեռած։
Բռնապետութիւնը
քիչցուցած
էր
անոնց
ոտքերը
ընթացիկ,
ուռուցիկ
պողոտաներէն,
բայց
չէր
հաւաքած
անոնց
զէնքերը։
Ու
հոն
էին,
տանիքներուն
խղդուկ
թերթերուն
տակ,
պատրաստ
իրենց
մամուլէն
նետուելու
դուրս։
Ան
մտածած
ու
նայած
էր
իր
մարդերուն։
Ամբողջ
կէս
դար
ոստիկանները
հայ
գեղերուն
մօտէն
կամ
մէջէն
անցան
իբր
բերդաքաղաքներէ,
ինչպէս
ամբողջ
հինգ
դար
անցեր
էին
անոնց
պապերը
նոյն
այդ
գեղերուն
մէջէն
ու
քովէն
իբր
գառնուկի
մարագներէ։
Հարիւրապետին
միջոցնե՞րը։
Կրկին
աչքին
ինկան
իր
մարդերը։
Մէկը
փսփսաց
իրեն
իր
տագնապին
առեղծուածը։
Անիկա
իմաստուն
էր,
դպրոցէ
անցած
ու
բարակ
ապրած։
Անիկա
տարփաւոր
էր
նոյն
ատեն։
Մեր
հոգիին
մէջ
կինը
–
այսինքն՝
անով
խորհրդանշուած
նուաղումը
–
կ՚ամրանայ,
կը
նուաճէ
երբ
հոգեյատակը
ուրիշ
ուժերու
գրոհին
է
ենթակայ։
Ոճիրներուն
մեծ
մասը
տեղի
կ՚ունենայ
այսպէս,
յարձակմամբ
տկարացած
մարզերու
մէջէն։
Վախը
մանաւանդ
կին
է
մեր
մէջ։
Մէկէն
միւսը,
այսինքն՝
թոյլ
ձեւերէն,
եղկ
միսերէն
դէպի
խխունջայնացում,
լուծում՝
նոյնն
է
ճամբան՝
ինչպէս
կարծր,
երկաթ
ձեւերէն
դէպի
դէգութիւն
ու
յիմարական
հերոսութիւն
նոյնն
է
դարձեալ։
Չըրաւ՝
ինչ
որ
թելադրուած
էր
քարտուղարէն։
Ո՞վ
բռնեց
ու
բերաւ
անոր
մտքին
դէմ
արութեան
մեծ
դրուագներ,
որոնք
պատմուած
էին
իրեն,
սա
փողոցներէն
ու
սա
ոլորքներէն,
գործադրուած
վերի
մարդոցմէն,
իրաւ
է
թէ
փշրուած
քիթով,
բայց
նոյնն
պատենքով։
Հեքիա՞թ։
Իրականութի՞ւն։
Մահուան
հետ
յաճախակի
իր
ճակատումը
զինքը
զգայուն
կ՚ընէր
ամէն
ձեռնարկի,
ուր
մարդ
պինդ
կը
կենայ
ու
կը
սառի
ճակատագրին
աչքերուն
մէջ։
Այդ
պահուն
թուրք
չէր
անիկա,
այլ՝
մեծ
տղայ
մը,
որուն
մէջ
արկածը,
անծանօթը
լուսնալոյս
մը
կը
մաղեն։
Յետոյ՝
այդ
կապտաւուն
շղարշը
տարին
անոր
աչքին
հասողութենէն։
Օրը
շուքի
կը
մօտենար։
Ձորակին
խորը
ճամբան
նուաճուած
էր
բլուրին
մեծ
ստուերէն
ու
ձիթենիներու
մութ
կանանչը
կը
հաշտուէր
դեղնաւուն
կապոյտին
հետ,
երկինքին
մօտ
պաստառներէն։
Խելօքիկ
պտուղները,
ողկոյզ-ողկոյզ
ծառերը
կ՚ընէին
բարի
եւ
բուխ
սիրտ։
Անոնց
տակէն
այգիները։
Ու
որթատունկին
ոստերը
հագուած
էին
կուզերով
ու
ճուտերով
իրաւ,
սրտագին,
կէս
գիծով
բան
մը
ծորելով
իրենց
հատիկներուն
անձեռագործ
ճարտարապետութենէն,
ա՛յն
անանուն
արուեստը,
որ
իրերունն
է,
երբ
տեսնել
գիտենք։
Ու
մարդեր,
յոգնած,
մաշած,
բարի՝
իրենց
աւանակներուն
կամ
ջորիներուն
կերպասէն,
երկու
ոտքի
վրայ
տքալու
ճակատագրուած։
Աղբիւրը։
Ու
քոմիթաճի՜ն։
Բայց
բանուորներ
միայն,
տարազի,
դէմքի,
մոյնքի
վճիտ
նոյնութեամբ։
Խենթութիւն
չէ՞ր
նոր
կրակներ
բանալ
սա
մարդոց
գլխուն։
Չըրաւ՝
ինչ
որ
թելադրուած
էր
հանրատան
նկարէն,
–
փնտռել
աղբիւրները,
իբր
առիւծ,
բզկտելու
համար
քոմիթաճիները։
Կը
վախնա՜ր
ինքիրմէ։
Ջարդը
կիներու
համար
սարքուած
խնճոյք
մըն
էր
ապահովաբար
շատ
առաջները։
Հիմա
ան
ապաստանած
է
ուժի
եւ
վայրագութեան
պիտակին,
ուշքէ
վրիպեցնելու
չափ
իր
ծագումին
այդ
նկարագիրը։
Բայց
երբ
պարբերաբար
կը
տիրէ
մարդոց
մէկ
մասին,
երեւան
կը
բերէ
այդ
առհաւական
գիծերէն։
Մսագործը
կապուած
ոչխար
կը
մորթէ
ու
նոյն
դիւրութեամբ
կապուած
մարդեր։
Ճարպի
այդ
կոյտին
մէջ
քաջութիւն,
ուժ
տեսնելու
համար
պէտք
է
մոռնանք
հերոսները։
Ու
ջարդին
այդ
մեքենան
ապուշ
է՝
նման
ամէն
մեքենայի։
Խելացին,
այսինքն՝
տիլեթանթ
ը,
այսինքն՝
պաշտօնեան,
այսինքն՝
դիւանագէտը,
մոլեռանդը,
հայրենասէրը
ու
բոլոր
դասակարգը`
մէջն
առնելով
հիւծախտաւոր
խմբագիրը
եւ
սիֆիլիթիք
բեռնակիրը,
որոնք
յանկարծ
կը
բուսնին
հոգեբանական
վայրկեանին
ու
ջարդը
կը
վարեն,
խորապէս
վատ,
վախկոտ
արարածներ
են
ու
գործելէ
առաջ
կը
պահանջեն
անձին
բացարձակ
ապահովութիւնը։
Դիտեցէք
մեր
պատմութիւնը։
Որքան
ատեն,
որ
ընդդիմութեան
ստուեր
մը
կը
դողայ
դիրքերուն
վրայ,
ջարդը
չ՚երեւիր։
Կռիւի
մէջ
մարդ
մօտ
է
այդ
հոգեկան
վիճակին,
բայց
չէ
զայն։
Յետոյ
է,
որ
կիներու
վայելքին
համար
կը
մորթուին
արուները։
Կիներ
մորթելը
նոր
երեւոյթ
է։
Հարիւրապետին
հրամանն
էր
ձիերը
քշել
դէպի
գեղ։
Նալպանտենց
Սերոբը
զատուեցաւ
անոնցմէ`
ձգելով
խճուղին
ու
առնելով
գեղ
հանող
կտրուկ
ճամբան,
ձորամէջէն,
մենաւոր,
անցնելու
համար
գեղեցկագոյն
իր
մէկ
թթաստանէն,
աւելի
ճիշդը՝
մարդոց
աչքին
խնայելու
համար
տգեղ
պատկերը
հետի
քալող
աղային։
Անիկա
պիտի
կանչուէր
Մենծ-սրճարանը
ու
պիտի
օգնէր
կատարուելիք
գործողութեանց։
Ձիաւորները
արագ-արագ
կտրեցին
խճուղիին
մեծ
ոլորքները,
մտան
գեղ։
Ձեզի
կը
ձգեմ
անոնց
լիրբ,
ամբարիշտ,
գրգռիչ
արշաւը
փողոցներէն։
Տասը
տարի
առաջ
ոստիկանը
հեծեալ
չէր
կրնար
անցնիլ։
Հիմա՞։
Բռնապետութեան
սաստկագոյն
օրերը
սկսած
էին։
Ու
ամէն
ոստիկա՛ն՝
առի՛ւծ`
հայ
գեղերուն
մէջ։
Նալպանտենց
Սերոբը
գտաւ
իր
դուռը
բաց,
–
գէշ
նշան։
Սեմին՝
ներսէն
ու
դուրսէն,
կիներ,
տղաք,
հետաքրքիր,
չար,
սպասման
մը
անձուկով։
Որո՞ւ։
Զինքը
տեսան
ու
շարժումը
ծայր
տուաւ։
Չխօսեցան
սակայն։
Մտաւ
բակ։
Հոն,
նոյնպէս։
Նետեց
անոր
չեղած
գոյնը
երեսէն։
Պատկերը
կը
յիշեցնէր
եղերական
պահեր,
երբ
տունէ
մը
ներս
մահը
տապալած
է
մէկը։
Անակնկալը,
հարուածին
մեծութիւնը,
դրուագին
կապ
ուրիշ
սարսռոտ
մանրամասնութիւններ
տղոց
մտքին
մէջ
կը
սառին
անկորուստ
գծագրութեամբ։
-Ի՞նչ
կայ,
-
հազիւ
կրցաւ
արտաբերել։
Մայրը
մեռած
էր,
իր
նախազգացումովը։
-Սողոմը
հիւանդ
է։
Ո՞վ
էր
ըսողը։
Նայեցա՞ւ
ձայնին
տէրը
Նալպանտենց
տղուն
երեսին`
հոս
տեսնելու
համար
երանագին
ու
հզօր
բանը,
որ
մեր
հոգիին
մէջ
սղմուիլ
չկրցող
հաճոյքին
յորդումն
է
դէպի
վեր։
Յետոյ,
րոպէաբար,
շինեց
առտուան
տեսարանը,
անոր
կանուխ
դաշտ
իջնելը։
Միտքը
աղօտեցաւ։
Չէր
տեսներ
պատկերներուն
յաջորդութիւնը։
Բայց
տարին
քանի
մը
հեղ
կը
պատահէր
դաշտէն
տուն
այս
տեսակ
դարձ
մը,
–
օձի
խայթուածք,
արկած,
լիճին
մէջ
խղդուիլ,
թուրքերէն
վիրաւորուիլ։
Անցան
ասոնք
իրարու
ետեւէ։
Կարծրացաւ
մտքին
մէկ
անկիւնը
նորելուկ
խոցտուկը,
աջ
աճուկէն
վեր,
որ
կը
մեռցնէր։
-Խոցտո՞ւկ։
Հարցուց
կինը։
-Անոր
մօտ
բան
մը,
-
պատասխանեց
նոյն
կինը,
ինքն
ալ
տարակուսելով
ըսածէն։
Ինչպէ՞ս
կը
զատենք
այս
երանգը
ձայնին
սուտէն։
Սողոմը
տարած
էին
իր
խուցը։
Վարանեցաւ
անցնելու
համար
ծառաներուն
սեմէն,
բայց
աւելի
դաժան
հետաքրքրութիւն
մը
յաղթեց
իր
ատելութեան։
Բաց
էր
խուցին
դուռը։
Մինչեւ
խուցը
կիներու
շարք
մը,
որ
շարժեցաւ`
անցք
տալու
համար
Սերոբ
աղային։
Պառկող
մը
կար
մէջտեղը։
Մեծ
տունէն
ապակիէ
մը
լոյս
էր
զարկած
ու
անոր
ալեկոծ
պայծառութիւնը
պուտ-պուտ
կ՚ընէր
դէմքերը։
Ծռած
էր
վրան
Սողոմին
մայրը`
դէմքին
գիծերը
պինդ,
խիստ,
կարծես
սպասելով
տղուն
մահը՝
բզկտելու
համար
մեռելը,
ինքզինքը,
շուրջինները,
աշխարհը։
Ոտքի
կողմէն,
կէս
մը
լոյսէն
փախուստ
ճարած,
իր
մայրը,
հաճի
եւ
բարեպաշտ,
արցունքը
աչքերուն,
լալու
եւ
խորունկ
հեշտութեան
մը
տարօրինակ
խառնուրդին
մէջ։
Ինչպէ՞ս
դիտեց
այդ
երանգն
ալ
Նալպանտենց
տղան։
Սողոմին
մօրը
դէմ,
տղուն
երեսին
կողմը՝
Նալպանտենց
«Աղուորիկը»,
հարսներուն
հարսը՝
որ
ծունկի,
թաշկինակ
մը
ձեռքին,
մեղմ
կը
շարժէր
աչքերը
բանալ
տալո՞ւ
համար
հիւանդին,
թէ
ճանճերը
վանելու
համար։
Նալպանտենց
Սերոբը
ձեռքը
տարաւ
սրտին։
Հոն
բան
մը
փրթած
էր։
Անոր
մազերը
փուշ-փուշ
եղան։
Երկու
պզտիկ`
աղբարները
հիւանդին,
իրենց
մատերուն
շուքը
կը
չափէին
արեւին
դէմ
ու
կ՚աղային
սիսեռ,
ով
գիտէ
ինչպէ՛ս
ճարուած։
Կիներ՝
որոնք
կը
շրջապատէին
մահիճը,
մօտէն,
հեռուէն
ազգական,
դրացի՝
նայեցան
բարակ
ու
անհանգիստ
նայուածքով։
Իրենց
առջին
պառկողը
գլուխ
մըն
էր,
Սողոմը,
բայց
եօթը
վկայ
պէտք
էր`
ճանչնալու
համար
այդ
աւերակին
մէջ
ա՛ն՝
որ
կը
շինէ
պատանիին
դէմքն
ու
հոգին,
աչքերէն,
այտերէն
քով
քովի
դրուած
ու
անուն
հագած։
Ամբողջ
յօնք
ու
թարթիչ
ու
լպրծուն
մազ,
–
ահա
ուշադրութիւն
առնող
առաջին
տարրը.
մազեղէնին
այս
ցայտումը
կը
դիտուի
բարակով
մեռածներուն
մօտ։
Աչքերուն
պակասը
–
անիկա
անկարող
էր
թարթիչները
բանալու
–
դէմքին
կու
տար
դեղին,
աղտոտ
մեռելականութիւն
մը,
որ
շրջապատողներուն
վրայ
կ՚արձագանգէր
ահաւոր
զանազանութեամբ
մը։
Ի՞նչ
կը
զգար
Նալպանտենց
հարսը
սա
պատկերին
դիմաց.
ի՞նչ՝
անոր
կեսուրը.
ի՞նչ՝
անոր
մայրը։
Հարցումներ
կան,
որ
չեն
տրուիր,
բայց
կը
կենան
իրենք
իրենց
վրայ։
Շրթունքները
կապոյտ
ակատ,
աղտոտ
դէպի
ռունգերը
հրելով
իրենց
ուժգին
գունաթափումը։
Բան
մը
կը
դողդղար
դէպի
աչքին
փոսերը,
դնդերներու
յոգնած
հեւք
մը,
անկախ
շունչէն,
որ
զօրաւոր
էր
եւ
խոր։
Խուցը
բռնած
էր
փսխունքի
եղկ
հոտ
մը։
-
Քոլերա
՞,
-
հարցուց,
շատ
կամաց,
պառաւի
մը,
որ
ձեռքը
նոր
էր
հաներ
դուրս
վերմակին
տակէն։
Ան
յոգնած
էր
երկարատեւ
մարձումէն,
քացախ
լաթով,
բժիշկին
հրահանգովը
կատարուած։
Պառաւը
ազգական
էր
անշուշտ
հիւանդ
երիտասարդին։
Ան
էր
բժիշկը
վազցնողը,
փսխունքի
դեղը
խմցնողը
ու
մարմինին
սառելուն
դէմ
պայքարողը
ու
հիմա
ալ
կրակին
դէմ
քացախ
գործածողը։
-Ո՞վ
գիտէ,
-
պատասխանեց
պառաւը`
հետեւած
ըլլալու
համար
բժիշկին,
որ
թունաւորման
դարմանում
մըն
էր
կատարեր՝
սպասելով
տղուն
ազատելուն,
խորացնելու
համար
քննութիւնները։
Տղան
բերած
էին
մայրիներու
անտառի
մը
սահմանակից
այգիէն։
Մայրիներու
սունկերուն
մէջ
կան
թունաւոր
տեսակներ։
Հասարակաց
կարծիքը
գրեթէ
կազմած
էր
դատական
տեղեկագիրը։
Չէ՞
որ
փսխունքին
մէջ
չմարսուած
սունկի
կտորներ
դիտած
էին։
Սողոմը
կրակ
էր
վառած,
սունկ
ալ
եփած։
Դեռ
անոր
հում
կոթերը
եւ
գլխանոցին
բեկորները
կարելի
էր
գտնել։
Յետոյ,
ամէն
մէկը
իր
լսածէն
ու
գիտցածէն
դրուագներ,
գիծեր,
կտորներ
աւելցուցեր
եւ
ամէնը
մէկ
շինած
էին
թունաւորման
հեքիաթը։
Հիւանդը
երբեմն-երբեմն
կը
ցնցուէր
մկաններու
պրկումէն,
որոնք
թեւին,
երեսներուն,
ճակտին
վրայ
կը
դողային
պարզ
ու
տեսանելի։
Անընդհատ
քրտինք
մը
կ՚ողողէր
մարմինին
բաց
մասերը։
Ու
տաքութիւնը
կը
մնար
նոյն։
Պաղ,
բանաձեւումը
դժուար
բան
մը
կը
սաւառնէր
մահիճին
վերեւ։
Լաց,
աղմուկ
լսելի
չէին,
բժիշկին
խիստ
պատուէրին
համեմատ։
Որոշուած
ժամը
անցնելու
մօտ
էր
եւ
հիւանդը
կը
պահէր
ինքզինքը`
առանց
աջ
կամ
ձախ
շեղելու։
Վտա՞նգ։
Հարկա՛ւ։
Ո՞վ
չի
յիշեր
սունկէ
մեռնողներ։
Պառաւ
մը,
որ
մօտէն
հսկած
էր
նոր
հարսի
մը
հոգեվարքին,
մկան
դեղ
առած,
զարմանալի
յստակութեամբ
մը
իրարու
կը
մօտեցնէր
նշանները,
փսխունքին
գոյնը,
շրթներուն
կապոյտը,
մկաններուն
քրիկ-քրիկ
գալը,
դէմքին
դեղինը
ու
պաղ
ու
տաք
քրտինքները։
Բայց
չէր
պարզեր
շուրջիններուն։
Ուրիշ
մը՝
նոյն
այդ
գիծով,
կը
մօտեցնէր
տեսածները
սունկով
մեռածի
մը
վրայ
իր
դիտածներուն
եւ
կը
պարզէր,
շատզրուց
ու
յիմար,
նշանները
եւ
անոնց
հանգիտութիւնները։
Նալպանտենց
հարսը,
մոռցած
ինքզինքը՝
մետաքս
իր
թաշկինակը
կը
տանէր
աչքին
ու
կը
տանէր
տղուն
ճակտին։
Բոլորին
սիրտին
դպաւ
այս
քաղցր,
պարզ
ու
մարդամօտ
գորովանքը,
տունէ
մը,
որուն
պատերն
իսկ
չէին
տաքնար
ամրան
արեւէն։
Նալպանտենց
Սերոբը
չկրցաւ
դիմանալ։
Անոր
աչքը
հանդիպած
էր
մօրը
վրայէն
կնոջը
շարժումին։
Իր
դէմքը
առաւ
անորոշ,
կսկծոտ
արտայայտութիւն։
Այցելուները
զարմացան
քիչ
մը`
Նալպանտենց
տղուն
մօտ
այսքան
զգածուիլ
մը
անսովոր
գտնելով։
Աշխարհը
կը
դատենք
մեր
կանգունէն։
Անիկա
ելաւ
դուրս`
ծեծուելով
հարցումին
մուրճէն,
բայց
կապած
շրթները։
Կը
հետեւէր
մայրը։
Ի՜նչ
խաղաղ,
ի՜նչ
անզգած,
ի՜նչ
մուշտակ
էր
դէմքը
Նալպանտենց
հաճի
Աննային։
Որքա՜ն
լրիւ,
կատարեալ
էր
հագուստը,
զոր
անցուցեր
էր
հոգիին։
Ոճիրին
մէջ
անզգածութիւն
մը
գուցէ
բացատրելի
դառնայ
անձնապաշտպանութեան
բնազդով
մը։
Բայց
սա
պայծառ
բնականութի՞ւնը՝
ոճիրէն
ետքը։
Մա՛նաւանդ
գերեզմանին
հաստ
պատէն
առա՜ջ։
Հաճի
Աննան
Մակարին
խանութէն
տուն
դարձին
ինքզինքը
աւելի
խռով
զգացեր
էր,
որքան
սա
պահուն,
երբ
տունի
մը
սիւնը,
մօր
մը
աչքին
լոյսը,
պառկեր
էր
խուցին,
մահուան
ու
կեանքին
մէջտեղը։
Ի՜նչ
յուզուած։
Ի՜նչ
սիրտցաւ
էր
անոր
արտայայտութիւնը,
երբ
ոտքը
սեմէն
դուրս,
դարձուց
հեղ
մըն
ալ
գլուխը
ետին,
պառկողին
վրայ
ձգելու
հեռացող
իր
ակնարկը։
Քանի
մը
պուտ
արցունք,
մանր
իր
աչքերէն,
սանկ
սուտի
պէս
ճարուած,
անոր
արժեցուցին
հիւանդտեսի
եկողներուն
մխիթարանքն
ու
գովեստը։
Ելա՜ն
վեր։
Սանդուխները
ի՜նչ
անհատնում
են
երբեմն
ու
ի՜նչ
հեռու
անոնց
աչքերը
իրարմէ։
Սերոբին
սենեակը,
էտինքի
արեւէն
շոգցած
ու
խղդուկ։
Հազաց
մայրը`
բանալու
համար
շունչին
նեղցող
խողովակը։
Հազաց
Սերոբը`
ինքն
իր
վրայ
ուժաւորուելու
համար։
Ինչո՞ւ
չէր
հարցներ
Սողոմին
վրայ։
Գիտէ՞ր։
Տղան
մեղքին
մէջ
առնելու
իր
աճապարանքը
կ՚ընէր
անոր
մարմինը
քայքայուն
ու
հեղուկ
բան
մը
գրեթէ։
Փորձեց
խօսիլ։
Չզգաց,
որ
բառերը
կը
հաւաքուէին
դժուար։
Այս
զգայութիւնը
զինքը
խորտակեց։
Հիւա՞նդ
էր։
Մտքին
ինկած
էր
լեզուի
այդ
դանդաղութիւնը,
որմէ
տառապած
էր
այնքան,
սիրտի
առաջին
ցաւին։
Բայց
պայմանները
նման
չէին
այդ
երանելի
օրերուն,
հիմա՝
երբ
լերան
պէս
տղան
պառկեր
էր
գետին։
Ու
վտանգի
վա՞խ,
պառաւի
կի՞րք,
Նալպանտենց
արի՞ւն,
–
անիկա
տասն
անգամ
ուժով
էր
ինքնիրմէն։
Անոր
անձուկը
կը
փետտէր
մարդկային
փցուն
հիւանդութեան
ցանցը
ու
կը
ժայթքէր
տղուն
երեսին.
-Ի՞նչ
ըրիր։
-Առտո՛ւն՝
բանտը,
-
պատասխանեց
անիկա՝
առանց
որոշապէս
գիտակցելու,
զինքը
այսքան
յստակ,
կտրուկ
ընող
պատճառին։
Բառերէն
վերջն
էր,
որ
տեսաւ,
մտքին
մէջ,
այդ
վճիռին
օրօրանը,
հասակը,
ակօսն
ու
պատենքը։
Հեքիաթին
արաբին
նման
այդ
որոշումը
մէկ
շրթունքով
կապուած
էր
սրտին,
միւսովը՝
երկինքին
չափ
հեռու
կիրքի
մը։
Սովոր
ենք
հանգչիլ,
երբ
մեր
որոշումները
կը
տարազենք
դէպքերէն
առաջ։
Հոգիին
դէպի
հակումը
երկարած
մոյթերու
կը
նմանին
անոնք։
Կը
հաւատանք
անոնց
դիմացկունութեանը,
բայց
չե՜նք
ստուգեր
անոնց
թանձրութիւնը,
յաճախակի
շօշափումներով,
ինչպէս
կ՚ընեն
գեղացիները
փոր
տուած
պատին
սիւն
մը
նեցուկ
դնելու
ատեն։
Տեւողութի՛ւն։
Այսինքն՝
մինչեւ
կործանում՝
կաթկթած
ժամանակի
տարազը,
որուն
վերջին
կաթիլը
պիտի
մնայ
սառած,
արիւնին
վրայ
բիւրեղի
մը
պէս,
երբ
դէպքերը
խորտակեն
մեր
ժամացոյցը։
Ո՞վ
պիտի
անդրադառնար,
որ
օրեր,
գուցէ
շաբաթներ
անցեր
էին
այն
վայրկեանէն,
երբ
ծրագիր
մը
թուխսի
էր
սողոսկած
մեր
ուղեղին
ծալքերուն
տակ,
օձ
կամ
կարիճ։
-Ճամբա՞ն։
Հաճի
Աննան
սարսռաց։
Տեսած
էր
կէս
ժամ
տեւող
ճամբան,
որուն
ընթացքին
Սողոմենց
Սողոմը
ձիուն
կապուած
փսխեր
էր
անընդհատ։
Սերոբը
չպատասխանեց։
Բացառիկ
շրջահայեցութի՞ւն,
թէ
տկար
մարմինի
բնական
զգուշաւորութիւն՝
անիկա
վարժուած
էր
ինքնիրեն
խօսելու։
Կարմիր
զանգա՜կը
փայլեցաւ
մտքին։
Որքա՜ն
պարզ
այդ
գիւտը,
բայց
որքա՜ն
ալ
տեղին։
Որո՞ւ,
քան
Սողոմենց
Սողոմին
պիտի
պատշաճէր
կախարդական
այդ
գդակը,
որով
բաւէր
տիտղոսել
թշնամին։
Յետոյ՝
ո՛վ
կը
մոռնայ
անոր
կոկորդը,
որ,
հակառակ
լրտեսներուն,
բռնապետութեան
սարքած
խոր
աքսորներուն
–
եօթը
վարժապետ
հարաւի
մէկ
գեղէն
ծովերուն
մէջը
քշուած
էին
դպրոցէն
գտնուած
կասկածելի
երգի
մը
օրինակին
համար
–,
դեռ
կը
յամառէր
ազգային
երգերը,
նոր
ժմնուկ
մարշ
երը
դողացնել
ճամբու
ոլորքներուն,
կամ
տաղաւարի
մեռելոցներուն,
սիրտերուն
մէջ
բուռ-բուռ
կրակ
կործելով։
Մայրը
կը
նայէր
տղուն
այս
հեռասոյզ
հայեացքին,
ու
կը
վախնար
խօսքէ։
Կը
վախնար
մա՛նաւանդ
իր
հաշուոյն։
Փողոցէն
Տէր
ողորմեայ
ի
կտոր
մը
անուշ
ու
եղերական
քալեց
կամացուկ։
Որո՞ւ
կ՚ուղղուէր
այդ
հեծկլտանքը։
Ու
յանկարծ,
այսքան
տակնուվրայութեան
մէջէն,
երէկուան
պէս
յիշեց
շշուկը
երկու
ամիս
առաջ,
Հայաստանէն
հոս
եկած
երկու
մարդոց
մասին,
որոնք
պառկած
էին
գերեզմանին
մատուռին
մէջ։
Սողոմը
եղեր
էր
անոնց
հետ,
փայտէն
դարձին,
խօսեր,
հաց
տարեր
գիշերը
ու
տղոց
մեկնումէն
յետոյ
միայն
պատմեր
հոս
ու
հոն։
Ան
յիշեց
այդ
մասին
իր
տեղեկագիրն
ալ,
բերանացի,
յանձնաժողովին,
որ
քիթին
չէր
դրած
այդ
փաստը,
Հայաստանէն
քուրդ
միայն
սպասելով,
յեղափոխականը՝
Պոլսոյ
ապրանք
ընդունելէ
ետքը։
Ի՜նչ
ջուր
կրնային
ունենալ
այդ
թշուառական
տարազին
տակ,
հեռաւոր
այդ
նահանգներէն
հոս
մուրալու,
բանելու
համար
շունչ
առած
մարդիկ։
Յետոյ
յանձնաժողովը
յիմար
չէր
ատանկ
սուտ
տուեալներու
վրայ
ժամավաճառ
ըլլալու։
Պոլսէն
քննիչներուն
հեռագիրն
անգամ
դեռ
չէր
տապալած
այս
երաշխիքը
հարիւրապետին
ուղեղէն։
Ոստիկաններուն
ժամանումը
բնական
վարժութեամբ
մը
կապուեցաւ
Սողոմին
հիւանդութեան։
Փսփսո՞ւք։
Բան
մը
ինկա՞ծ
էր
դուրս
ոճրափորձէն։
Ոչ
անշուշտ։
Սողոմը
չէր
խօսած։
Բայց
տարիներէ
ի
վեր
գեղացիք
սորված
էին
կապել
երկու
երեւոյթները
իրարու։
–
Տարաժամ
մահը
պիտի
դառնանար՝
կարմիր
գլուխ
ու
սեւ
այդ
ագռաւներուն
ալ
միջամտութեամբը։
Աւելի՛ն։
Քանի՜-քանի՜
անգամ
յանկարծամահ
հարսներ
հանուած
էին
գերեզմանէն
ու
ձողտուած
ձողիկ-ձողիկ,
իրենց
փորէն
ու
փարթէն։
Առաջները
աւելի
յաճախադէպ
–
վասնզի
ոստիկանները
չէին
հետաքրքրուեր
մեր
գեղերով
–
այդ
դիախուզումները
կը
խռովէին
արդարն
ու
մեղաւորը։
Ենթադրեցին
շատ
բան,
ու
ամէնէն
շատ
տղուն
հաւանական
մահը։
Այս
յարմարցուքը
վերածուեցաւ
իրողութեան,
երբ
կարմիր
իր
ֆէսովը,
քռթած,
մաղ-մաղ
ծակծկուած,
ռունգէն
մատ
մը
կրծուած,
անհեթեթօրէն
տգեղ
իր
դէմքին
թանձր
թթուութեամբը
ոստիկան
մը
կեցաւ
Նալպանտենց
դուռին։
Տեղի՛ն
ու
արդար՝
կիներուն
խռովքը,
որոնք
կը
խորհէին
այդ
գազաններուն
միջոցով
տունէն
յափշտակուելիք
դրամին։
Բաւական
չէր
մեռնիլ,
պէտք
էր
վճարել
մահը
հաստատող
այդ
առնէտներուն
ծախքերը։
Ու
Նալպանտենց
Սերոբը
օտարի
տղուն
իր
մեղքն
իսկ
կը
խնայէր։
Հարիւրապետը
կ՚ուզէր
Սերոբէ
էֆէնտին։
Ո՞ւր,
ե՞րբ
լսեց
հաճի
Աննան։
Երբ
մեր
հոգին
գրաւուած
է
կիրքի
մը
էանիւթով,
զգայութիւնները
կ՚ենթարկէ
անոր
քոլորիին։
Առտուն
ի՜նչ
դիւրութեամբ
խառնած
էր
Մակարի
թղթիկին
պարունակութիւնը
Սողոմին
աղին։
Ան
մինչեւ
մշակին
դաշտէն
դարձուիլը
եղած
էր
խաղաղ։
Ընդունած
էր
ծառային
նուաղուն
մարմինը
պաշտօնական
հոգածութեամբ,
առանց
վախի
ու
զգալի
իրարանցումի։
Պահեր
էր
ինքզինքը
մինչեւ
ոստիկանին
երեւումը
դուռին։
Աղ-արձան
կտրեցաւ
անիկա
մէկէն,
առանց
որ
բառ
մը
ուղղուած
ըլլար
իրեն։
Դրացիները,
նոր
փորձանքին
դէմ,
բաժնեցին
իրենց
բազուկները,
վերցուցին
գետնէն
նուաղած
կինը։
Տարօրինակ
էր,
որ
անոր
գրեթէ
անզգայ
մարմինը
ինքնաբերաբար
հոսէր
դէպի
սնտուկը։
Կործեցին
գլխուն
երկանկղ
մեծ
սափորը։
Շփեցին,
կսմթեցին
այտերը,
ու
շարունակեցին
ապտակել,
մինչեւ
որ
լսեն
շնչառութեան
ձայնը։
Կ՚ընէին
այս
ամէնը`
հպատակելով
իրերանպաստ
իրենց
բնազդներուն,
բայց
մտովի
անիծելով
ամբարիշտ
բնութքը
Նալպանտենց
տունին։
Ինչո՞ւ
մեր
բարիքները
կը
նահանջեն
մեր
շրջապատէն,
երբ
ձախորդութիւնը
բանակ
զարնէ
մեր
տունին
մէջ։
«Ջուր
ըլլայ,
թաց
չի
տար»,
կ՚ըսէր
անոնց
համար
մեծամասնութիւնը
ու
կը
մոռնար
անոր
խերերը։
Անոր
եղին
գուբը
շատոնց
դադրած
էր
իր
իմաստէն`
վերածուելով
բնական
պատահարի,
հասունցող
թուզին
կամ
ցախն
ելլող
շերամին,
որոնց
կը
սպասենք,
բայց
չենք
զբաղիր։
Նալպանտենց
«պզտի»
հարսը
բաժնուեցաւ
Սողոմին
մահիճէն,
նման
ամէն
գեղանի
կնոջ,
որ
գիտէ
արցունքին
շնորհած
վայելչութիւնը
թարթիչներուն,
եւ
ցաւին
բացած
կարմիրը՝
երեսներուն։
Ան
թաշկինակով
բռնեց
քիթը։
Դիտուեցաւ
յուզումի
այս
սաստկութիւնը,
երբ
Սողոմին
համար
դեռ
վճիռ
չկար։
Ճամբայ
տուին
ու
նայեցան
աղուոր
հասակին։
Փռեց
կեսրոջը
պատմական,
մեծափառ
անկողինը,
հանուեցուց
զայն՝
ուրիշներու
օգնութեամբը։
Պառաւը
մտաւ
անոր
մէջ։
Սպասեցին,
որ
խօսի։
Զուր։
Բաց
էին
աչքերը,
հասկցող,
կենդանի
արտայայտութեամբ։
Կաթուա՞ծ։
Պատահական
բան
էր,
հարուստ
տուներէ
ներս։
Տեսած
էին
տեսակները։
Սերոբէ
աղան
դէպքը
կապեց
հիւանդութեան։
Հրամանն
էր
բժիշկ
կանչել։
Ինք
հետեւեցաւ
ոստիկանին։
Անոր
մեկնումէն
յետոյ
բժիշկը
մտաւ
ներս։
Չէր
կանչուած,
բայց
կը
սիրէր
Սողոմին
ձայնը։
Ոստիկաններուն
ներկայութիւնը
ազդած
էր
առողջութեան
պաշտօնատարին։
Երբ
դէպի
խուցը
կ՚ուղղուէր,
իմացուցին
իրեն
նոր
հիւանդը։
Ան
չշեղեց
իր
քայլերը։
Հարուստներուն
հանդէպ
չծռող
մարդու
ա՛լ
արմատացած
բնականութեամբ։
Ուշադիր
եւ
մանրակրկիտ
քննեց
տղան
ու
յայտարարեց
զայն
վտանգէ
զերծ։
Յետոյ
կրկնեց
նոյն
աւետիսը
պառաւին
սենեակին
մէջ
ալ։
Մէկ-երկու
կին
նշմարել
կարծեցին
Աղուորը,
որ
դարձած
էր
«թիզ
մը
վեր»։
Քննեց
հիւանդը։
Մտիկ
ըրաւ
սիրտը
ու
անոր
յօնքերը
պռստեցան։
Աչքերուն
առջեւէն
արագ
շարժումով
սահեցուց
մատիտը։
Հաճի
Աննան
փակեց
թարթիչները։
Ուզեց
ջուր
ու
աշխատեցաւ
խօսքի
բերելու
պառաւը։
Անօգուտ։
Ան
փնտռեց
Սերոբը
ու
նստաւ
սնտուկին
կափարիչին։
Հաճի
Աննան
դողդղաց։
Տեսան,
որ
անոր
բերանը
կը
քալէր,
խեչափարի
ոտքի
մը
նման,
վար,
մէկ
պոչէն,
միւսովը
ելլելով
վեր։
Դէմքին
ամբողջ
մկանները
ունէին
խառնակ
շարժումներ,
բայց
յստակ
կերպով
կը
գծուէր
դէպի
ձախ
հակումը
մարմինին։
«Իջեցուցած»
էր։
Երկու
վայրկեան
յետոյ
դէմքը
առած
էր
նոր
իր
ճարտարապետութիւնը։
Բերանին
գի՛ծը՝
անկիւն
կազմելու
չափ
իր
նախորդ
ուղղութեան։
Աչքին
մէկը
բոլորովին
փոքրացած։
Ձախ
ոտքն
ու
ձեռքը
անշարժ։
Գրեց
ջուր
մը,
ճակտին
յանձնարարեց
թաց
լաթ
ու
անցաւ
կրկին
Սողոմին։
Նպատակն
էր
հարցաքննել։
Գտաւ
տղան
մտած
հանգիստի
քունին։
Խղճահարուեցաւ
խանգարել
այս
կազդուրիչ
սկիզբը։
Փնտռեց,
Նալպանտեց
զարմէն
մեծկակ
կին
մը`
անոր
յայտնելու
համար
վտանգը,
որ
կախուած
էր
հաճի
Աննային
գլխուն։
Վախցաւ
գեղանի
հարսէն,
որուն
հետ
կը
կատակէր
առաջները։
Ան
չկրցաւ
ստեղծել
տունին
անհրաժեշտ
շէնութիւնը։
Մտմտաց
ու
ելաւ
դուրս։
Սեմին
դիմաւորուեցաւ
Աղուորին
մօրմէն,
որ
ժամ
էր
վազած`
Պօղոս-Պետրոսին
մասունքը
հասցնելու
թունաւորուած
երիտասարդին։
Խօսեցաւ
անոր
բժիշկը
ու
կիսովի
բացաւ
պատուհանին
վարագոյրը։
Յանձնարարեց
տզրուկ,
երբ
սիրտը
սկսէր
ցաւիլ,
ու
ճամբայ
առաւ`
շարունակելու
համար
կէս
ձգած
թաւլուն։
Հաճի
Աննայի
կարգուկ
աղջիկները
փոխն
ի
փոխ
կը
հսկէին
հիւանդները։
Անդին,
հարիւրապետը
սկսած
էր
քննութիւնը,
եռանդուն,
կրակոտ
ու
լիրբ։
Փարատեցան
իրմէ
իր
վախերը,
երբ
ինքզինքը
գտաւ
եկեղեցիին
խորհրդարանը,
որ
ոստիկանատան
կը
վերածուէր
այդ
առիթով։
96ի
խլրտումներէն
յետոյ
առաջին
լուրջ
ելոյթն
էր
ասիկա
կառավարութեան
կողմէ։
Ան
ուժով
կը
զգար
ինքզինքը՝
վարի
գեղէն
ապահոված
ըլլալով
վտանգի
մը
պարագային
տեղական
ուժեր։
Գեղը
կ՚անգիտանար
պատահարին
ծանրակշիռ
հանգամանքը։
Ան,
ամբողջ
ժամ
մը,
գլուխ
գլխի
մնաց
ժուռնալը
ստորագրող
քահանային
հետ։
Տրտում,
չարչրկուած
դէմքով
այս
կարգաւորը
պարտաւորուեցաւ
տալու
անունները,
որոնք
քսուած
էին
քոմիթաճիներուն
շունչին։
Դառնաժպիտ,
խիղճէն
դանկըտուած,
վասնզի
խորապէս
կը
սիրէր
ազգը,
քահանան
զգաց
իր
քայլին
աղտը։
Անոր
խոստովանութիւնը,
տարիներ
ետքը,
մահուան
մահիճէն,
փաստ
մըն
էր
անոր
զգացումներուն։
Անկէ
յետոյ
կանչուեցաւ
գիւղապետը,
որ,
թուրքերու
մարդ,
կռնակը
տուած
նաւահանգիստի
փաշային,
պահեց
ինքզինքը,
արժանաւոր
ու
դիւանագէտ
անկեղծութեամբ
մը։
Անիկա
իր
«ճիտին
պարտքը»
նկատեց
կառավարութեան
աջակցիլ
իր
բոլոր
միջոցներովը
ու
իր
ընդարձակ
յարաբերութիւնները
տրամադրեց
հարիւրապետին,
–
մարդ,
դրամ,
լրտես
եւ
խուզարկու
ուժեր։
Յետոյ,
մինչեւ
մութ,
կանչուեցան
ուրիշ
շատեր,
գրեթէ
բոլոր
կառապանները,
ու
բոլոր
անոնք,
որոնք
արթնցան
իր
միտքին
մէջ,
քարտուղարին
ցուցմունքներէն։
Ինչո՞ւ
մտիկ
կ՚ընէր
ինք,
որ
կը
ծիծաղէր
անոր
ցնդածութեան։
Ուշ
ատեն,
հարիւրապետին
եզրակացութիւնն
էր,
փնտռել
քոմիթաճիները,
բռնել
անպատճառ,
քանի
որ
անոնց
գեղ
մտած
ըլլալը
դուրս
էր
կասկածէ։
Ո՞ւր՝
հիմա,
սակայն
հազար
անգամ
անիծեալ
այդ
գազանները։
Ոստիկանապետը
որդեգրեց
նոր
հրահանգը,
որուն
համեմատ
գեղի
մը
անդորրութեան
պատասխանատու
կը
նկատուէին
իր
առաջաւորները,
հին
բառով՝
աւագանին։
Կը
հրաւիրէր
ժողովականները
օգնել
կառավարութեան։
Ան
ետ
ղրկեց
հարցաքննուածները։
Վար
կը
դնէր
կառապան
Ստեփանը։
96-ի
շարժումներուն
մէջ
համբաւը
վտանգուած
երիտասարդ
մը,
որ
թուրքերը
կ՚ատէր,
ու
կ՚ըսէր
այդ
ատելութիւնը
ճամիներու
հրապարակին։
Կէս-խենթ,
կէս-խելօք՝
անիկա
ահաւոր
քաջութեամբ
մը
պաշտպանած
էր
ինքզինքը
դաւադրական
յարձակումէ
մը`
ոչ
ոք
սպաննելով,
բայց
իր
կաշին
ազատելով
թուրքերէն։
Հարիւրապետը
նեղուեցաւ
այդ
սուտ
խենթին
խելօք
պատասխաններէն։
Վար
դրաւ
ուրիշ
երկու
կառապան,
որոնք
քոմիթաճիները
բերած
էին
հարաւի
գեղէն։
Վար
դրաւ
ուրիշ
երկու
տղայ
ալ,
որոնք
գերեզմանատան
կռնակը,
Լուսաղբիւրի
ակին
մօտ
հաւ
էին
կերած
ու
երգած
Տալուորիկ
ը։
Սողոմը
հետն
էր
անոնց։
Ուղարկեց
կառքը,
այսպէս
լեցուած,
Նալպանտենց
դուռը,
Սողոմը
այդ
գիշերն
իսկ,
գազան
փոխադրելու։
Մտիկ
չըրաւ
ժողովականներուն
միջամտութիւնը,
որոնք
հիւանդութիւնը
թերի
բառերով
դրին
հրապարակ։
-Կառավարութիւնը
բժիշկ
ունի,
-
պատասխանեց
անիկա
ու
պռստեց
յօնքերը։
-Մէկ
քարով
երկու
թռչուն,
-
աւելցուց
կամացուկ`
ծռելով
Սերոբին
ականջին։
Նալպանտենց
տղան
կ՚անգիտանա՞ր
առածին
պատգամը,
քանի
որ
լուսաբանութիւն
ուզեց
հրապարակով։
Հարիւրապետը
արհամարհանքով
կտրեց
անոր
բառերը։
Այդքան
հաստ
գլո՞ւխ։
Անշո՛ւշտ։
Այլապէս
կ՚ըլլա՞ր
այս
ժողովուրդը
գերի։
Թուրքերը
մէ՛կ
կը
մտածեն
պետական
գետնի
վրայ
եւ
այս
մտածումը,
որքան
ալ
տափակ
կամ
սուտ,
կը
բաւէր
իրենց։
Մուխթարը,
ինչպէս
թաղականները,
ինչպէս
գեղին
ծերակոյտը,
վաղն
առտու
պարտաւոր
էին
ներկայանալ
գազա։
Մեղմ,
հաճելի
այս
հրաւէրը,
իր
շեշտին
նկարագրովը
կը
կրկնէր
ցեղին
դարաւոր
դիւանագիտութիւնը
–
Բիւզանդիոնէն
թաթար
հոգիին
անցած
պատուաստ
–,
որ
Արեւմուտքի
կայսրերուն
մենաշնորհը
նկատուած
միւս
գիտութենէն
աւելի
դիմացաւ։
Հարիւրապետը
իբր
բարեացակամ
մարդ,
հրահանգներ
ալ
չզլացաւ։
Ան
կ՚ուզէր
աղէկութիւնը
ամէնուն։
Ու
կը
պահանջէր
ամէնէն
ալ
հաւաքական
աշխատանք,
երեւան
հանելու
համար
անիծապարտ,
մուզիր
այդ
ճիւաղները։
Կակո՛ւղ,
բայց
թաքուն
հեղինակութեամբ
կը
թրթռուն՝
մէկ
աչքը
խփելով
ան
յայտարարեց.
-Գեղին
գլխուն
կրակ
է
ինկած,
գիտցած
ըլլաք։
Գառնուկը
լեզու
ելլէր,
ուրիշ
բառ
ու
շեշտ
չունենար
պիտի։
Շնորհակալ
եղան
ժողովականները
հարիւրապետին
այս
զգացումներէն։
Յեղափոխութեան
ձախողանքէն
ու
Հայկական
սարսափներէն
ետքը,
կայսրութեան
արեւմտեան
մասին
մէջ
մեր
ժողովուրդը
ապրելու
կը
սկսէր
առաջին
ճնշումները,
այլապէս
խռովիչ,
վասնզի
ազատութեան
երազը
շատ
մօտիկէն
անցեր
էր
անոր
չորցած,
սպասումէն
գոցուած
թարթիչներուն։
Ինչ
որ
96ի
սարսուռները
արթնցուցած
էին
անոր
սիրտին
մէջ,
կը
քանդուէր
անոպայ
ու
արագ
մատներով։
Կախուող
տղաք
ու
բանտին
մէջ
խղդուած
երիտասարդներ
կը
սգար
այդ
գեղը
ու
«կտրտող»ներուն
մղձաւանջը
սանկ
գեղին
մուտքին՝
ծալպատակեկ
հրէշի
մը
նման,
կը
մնար
կենդանի։
Ու,
տան
ու
տղու
ու
դրամի
տէր
մարդեր,
անգամ
մը
համը
առած
կառավարութեան
թաթին,
96ի
խլրտումներուն
ատեն,
անոնք
անկեղծ
էին
այդպէս
զգալու
եւ
արտայայտուելու՝
թէ՛
թուրքին
վախէն,
որ
կրօնականէն
զատ
ազգայնական
ալ
շուրջառ
ունէր
հիմա,
թէ՛
յեղափոխականներով
ներկայացուած
մտայնութենէն
իրենց
հեռու
հոգիներովը։
Հա՞յ։
–
Խորապէս,
քանի
որ
կիրճը
պաշտպանած
էր
անոնց
ազգային
դիմագիծը
քանի
մը
դար։
Խճուղին
կը
խորտակէր
այդ
պատուարը։
Քառորդ
դարը
բաւական
եղաւ
թուրք
թափանցումին։
Հիմա,
ճկուն,
յաջողած,
տաք-կռնակ
այդ
մարդերը
օղիին
սեղանին
առաջ
կամ
թուրքին
մտրակին
տակ
կը
հագնէին
քղամիդը
իրենց
ցեղին,
անոր
խորունկ
իմաստին
մէջ
լուալու
համար
փուշէ
պսակներուն
հեգնութիւնը,
հաւատքին
առքովը
հովանաւորելով
դժոխքը,
որ
պատկեր
մը
ըլլալէ
աւելի,
ճարտարապետուած,
լարուած
ու
իրենց
գլխուն
շրջուած
իրականութիւն
մըն
էր։
Այդ
փորձութեան
ժամերէն
դուրս
եղկ
ու
ծփուն
արարածներ
էին,
իրենց
տնտեսութեանը
երկանաքարին
լծուած,
իրենց
կիրքերուն
ու
մեղքերուն
աքցանովը
խաչուած։
Ժողովականներէն
մէկը,
բաղդատաբար
երիտասարդ,
որ
հետեւած
էր
հարցաքննութեանց
ու
խորհրդակցութեանց,
խոր
լռութիւնով
մը,
ելաւ
ոտքի։
Թեթեւ
յուզում
մը
անցաւ
բոլորին
ներսէն։
Կը
ճանչնային
բաւական՝
այդպէս
զգածուելու
համար։
Աւագ
տունի
մը
ճղճիմ
մէկ
ժառանգորդն
էր
ան,
Պարտիզակ
ուսում
առած։
Կ՚ապրէր՝
քննադատելով
թաղականներն
ու
վարժապետները։
Ընդդիմադիր
էր
ամէն
ձեռնարկի։
Կը
սկսէր
շաբաթը
հեղ
մը
ընկերութիւն
մը,
որ
երկրորդ
շաբթուն
ճակատագրուած
էր
լուծուելու
հիմնադիրին
իսկ
ձեռքով,
անցած՝
ընդդիմադիրի
իր
բնական
դերին։
Անիկա
կը
խօսէր
ուժգին,
կրակոտ
ու
նման
ամէն
պարտիզակցիի՝
կը
հասկնար
դիւանագիտութենէն,
անգլիական
նաւատորմիղէն
եւ
լրագիրը
հացի
տեղ
կ՚ուտէր։
Հինգ
վայրկեան
տեւող
ճառախօսութեամբ
մը,
մեծ
ձեւերով
ու
հռետորական
փակագիծներով
սպառազէն՝
անիկա
հերքեց
գեղին
մեղսակցութիւնը,
ճշդեց
ժողովին
ու
ժողովուրդին
պարտականութիւնը
հանդէպ
կառավարութեան,
լուսաբանեց
ոստիկանութեան
դերն
ու
իրաւասութիւնները
եւ
քոմիթաճիները
երեւան
հանելու
ձեռնարկին
մէջ
պահանջեց
գեղին
չէզոքութիւնը։
Գրգռի՞չ։
Չէին
անշուշտ
այս
առաջարկները։
Ատենախօսը
ծանօթ
էր
կառավարութեան
մօտ
իր
վարկին։
Չըլլար
հայրը,
շատոնց
Միտիլլի
առած
կ՚ըլլար
անիկա
իր
շունչը։
Հարիւրապետը,
առանց
ընդմիջման,
մտիկ
էր
ըրած։
Եղաւ
պաղ
լռութիւն։
-Կրակի
կու
տամ
այս
գեղը,
եթէ
չգտնաք
այդ
մարդերը։
Անոր
բառերը
թուրք
էին,
այսինքն՝
հինգդարեայ
կայսրութեան
մը
ամբողջ
թրքութեամբ
ու
երեք
հարիւր
հազար
խողխողուած
հայերու
շունչը
վրան։
Գիւղապետը,
շատոնց
լեցուած,
օգտուեցաւ
առիթէն
ու
ապտակեց
յիմար
տրիբունը։
Ժողովականները
մէկ
բերան
կը
պոռային.
-Դո՛ւրս
կորսուէ,
դո՛ւրս
կորսուէ։
-Ձգեցէք։
Անիկա
պիտի
գայ,
այս
գիշեր
իսկ։
Ու
պիտի
գայ
ձեռքերը
կապ։
Յետոյ
անցուց
մտրակը
մոյկին։
Անոր
նայուածքը
ծով
մը
արհամարհանք
կը
պարունակէր,
երբ
ինկաւ
դեղնած
ու
ճղճիմ
ատենախօսին։
Գոցուեցան
տետրակները։
Ոչ
ոք
կը
համարձակէր
խօսք
առնել։
-Մնաք
բարով։
Կը
ճամբէր
մարդերը,
որոնք
չէին
հասկնար
բառին
իմաստը։
Նալպանտենց
Սերոբը,
խոնարհ,
խելացի,
շողոքորթ
եւ
եփուն։
-Երկայն
է
թագաւորին
ձեռքը,
հաճի՛
պէյ։
-Երկայն
է
փատիշահին
դանակը,
Սերոբէ
էֆէնտի։
Ու
լռութիւնը
դադրեցաւ
պաղ
ըլլալէ։
Անիկա
ահով
էր
թրթռուն։
-Բոլոր
անոնք,
որոնք
պէտքի
համար
պիտի
կանչուին
վար,
գազա,
պիտի
գան
անմիջապէս։
Կեցաւ։
Առանց
իր
գիտնալուն՝
իր
ձեռքը
առած
էր
մտրակը
մոյկէն
եւ
կը
ծեծէր
կոթովը
ակռաները։
-Այս
գործը
սովորական
դատարանին
չի
պատկանիր։
Ո՛վ
որ
ձեռքը
ունի
գործ,
պիտի
ձգէ
կէս
ու
վազէ
պիտի։
Արտին
մարդը
արտէն,
ժամունը՝
ժամէն,
փողոցին
վրայինը,
առանց
տուն
դառնալու՝
փողոցէն։
Ո՛վ
որ
կը
թերանայ,
ի
բացակայութեան
կը
դատուի
արտասովոր
դատարանէն
ու
կը
դատուի
իբր
պետութեան
դաւաճան։
Կը
գրաւուին
ունեցածն
ու
չունեցածը։
Ընտանիքը
կ՚աքսորուի
անվերադարձ։
Ես
չեմ
հայհոյեր,
ինչպէս
ըրեր
են
ինձմէ
առաջ
ու
ինչպէս
օրէնք
է
ընել
ձեզի
պէս
ապերախտ,
անխելք
ժողովուրդի
մը
հետ։
Յոգնա՞ծ։
Կիսաժպիտ՝
կը
նայէր
պատուհանէն։
-Բայց
ի՞նչ
կ՚արժէ
վարուիլ
մարդու
պէս,
մարդ
չեղողներուն
հետ։
Նալպանտենց
ճկուն
տղան
ուզեց
միջամտել։
-Քաշէ՛
ձայնդ
քեզի։
Լռեց։
Սաստը
դիւր
եկաւ
բոլորին
ալ։
Եթէ
չէին
սիրեր
«ազգասէր»,
նոր
գաղափարներու
ներկայացուցիչ,
ժամն
ու
Աստուածը
բանի
տեղ
չդնող
«Գրիգորիկ»ը,
կ՚ատէին
սակայն,
խուլ
ու
անվերածելի
ատելութեամբ՝
Նալպանտենց
Սերոբէն,
անոր
վրայով՝
այն
դասակարգն
ալ,
որ
թուրքերուն
հետ
լաւ
երես
կը
փոխէր,
հարուստ
էր
ու
ամբարիշտ։
Սերոբէն
կարմրեցաւ
մինչեւ
ականջները։
-Հասկցուցէք
իրարու։
Զարկաւ
զանգակին
լեզուակը։
Ոստիկան
մը
մտաւ
ներս։
-Ձեռնակապե՛րը։
Մուխթարը,
այլայլած,
մօտեցաւ
խօսելու։
-Դուն
ամբաստանեալ
մըն
ես
ու
պիտի
չխօսիս,
մինչեւ
որ
մաքրուի
ճակտիդ
մուրը։
Ժողովականները
սմքած՝
չէին
գիտեր
իրենց
ընելիքը։
Ոստիկանը
բերաւ
երկաթէ
ձեռնակապերը։
-Անցուր
սա
էֆէնտիին
ձեռքերուն։
Տրիբունը
փորձեց
ընդդիմանալ։
Զանգակի
նոր
զարկով
մը
խուժեցին
ոստիկանները։
-Պատրա՛ստ։
Լեցուեցան
մաուզէրները։
Վախէն
ջուր
կտրած՝
հռետորը
կախեց
ձեռքերը։
Ոստիկան
մը
տարաւ
զանոնք
խաչաձեւ
կռնակին։
Ուրիշ
մը
անցուց
դաստակէ
դաստակ
երկաթ
կղպանքը։
Նոյն
վայրկեանին
մտաւ
ներս
ատենախօսին
հայրը,
համակրելի
ծերունի,
որ
գիւղապետ
էր
եղած
եւ
կը
պահէր
տիտղոսը,
չորպաճին,
վայելուչ
համեստութեամբ։
Ծռեցաւ
խոնարհ։
Ճերմակ
մազերը
յարգանք
ու
խանդաղատանք
կ՚արժէին
հաւասարապէս։
Հայցեց
թագաւորին
արեւշատութիւն,
հարիւրապետին
ալ
կտրուկ
սուր՝
աւելցուց.
-Աղաչանք
մը,
պէյ
էֆէնտի։
Մարդկօրէն
անկարելի
էր
մերժել
այսքան
սրտառուչ
խնդրանք
մը
լսել։
-Ի՛նչ
կ՚ուզես։
-Կապերը
խնայես։
Լռեց
անիկա։
Տպաւորեց
այս
ծեր
աղաչանքը։
Քակուեցան
տրիբունին
կապերը։
Մութը
կոխելէն
ետքը,
ոստիկանները
ելան
դուրս
գեղէն։
Իրենց
առջեւէն
կ՚ընթանար
կառք
մը։
Սողոմը,
կէս-արթուն,
կը
մտածէր
պատահարին
ու
չէր
հասկնար։
Գիտէր
միայն
քոմիթաճիները
ու
այդքան։
«Գրիգորիկ»ը
կը
մտածէր
ազգային
պատմութեան,
կարմիր
զանգակներուն,
յեղափոխութեան,
Պարտիզակի
դպրոցին,
Գ.
Մխալեանի
դասերուն
եւ
իր
ցեղին
ապագային
վրայ։
Ու
կը
մտածէր
բանտին,
ծեծին,
ոջիլներուն
ու
տունը
լացող
կնիկին
վրայ,
որ
զաւակը
գրկին՝
կեցեր
է
ժամուն
դուռը,
երբ
դուրս
կը
հանուէր
ոստիկաններու
խումբէն։
***
Շաբաթ
մը
վերջը
քոմիթաճիները
յանձնուած
էին
կառավարութեան։
Պիտի
սկսէր
անոնց
դատավարութիւնը։
Պոլսէն
քննիչները,
քաղաքացիի
տարազով,
տեսած,
լսած
ու
հարցաքննած
էին
բոլոր
այն
մարդիկը,
որ
հարիւրապետին
տետրակներուն
մէջ
անուն
ունեցան։
Բայց,
շաբաթ
մը
վերջը
աւելի
ցնցող
եղելութիւն
մըն
էր,
որ
տարածուեցաւ
գեղին
վրայ։
Նալպանտենց
Աղուորին
յղութիւնն
էր
ատիկա։
«Իջեցուցած»
պառաւը
ոտքի
էր,
թէեւ
քիչ
մը
ծուռիկ։
Անիկա
հրահանգեց
պատարագը,
Կիրակիի
հսկայ
մատաղը,
իր
տղուն
ծնունդին
հանդիսանքը։
Աւետիսի
սա
պատարագին
ամբողջ
տեւողութեամբը,
ճակատը
հողին,
լացեր
էր
հեկեկաձայն։
Ըսին,
թէ
կու
լար
հրճուանքէն։
Ըսին,
թէ
կու
լար
հիւանդութենէն։
Չխօսեցաւ
անիկա
մօտիններուն,
ինչպէս
տէրտէրներուն
հետ։
Անոր
կուշտին,
դիւահար,
նիհար՝
կու
լար
մայրը
Սողոմենց
Սողոմին,
որ
կը
մնար
բանտը։
Միւս
կուշտին,
աչքերը
գետնէն
զատելու
անկարող,
իր
հասակը
կը
կորացնէր
խնամի
Սարեկը`
առանց
արցունքի,
բայց
առանց
ուրախութեան։
Ժամուորը
զգաց
այս
նորանշան
տրտմութիւնը։
Աղուորին
չէր
վայլեր
իջնալ
ժամ։
ՎԵՐՋ
Գ.
ԳԻՐՔԻՆ
ԵՒ
Ա.
ՀԱՏՈՐԻՆ