Խումբը,
գրեթէ
համատի
տղոցմէ
կազմուած,
կը
մտնէր
վերջապէս
սահմանները
գեղին:
Կառապաններ,
մեծ
մասը
ասոնց,
յեղափոխականները
փոխադրելու
մեղքով,
իրենց
արհեստին
պարտադիր
լրբութիւնը
քաւելով
այսպէս
անիրաւաբար:
Օտար
տան
վարձուորներ,
որոնք
իրենց
աղքատութիւնը
կ՚եղեն
ընչեղ
գերդաստաններու
առատութեան
մէջ
ու
գիշեր
ու
ցերեկ
կ՚եփին
անոնց
հարսներուն
հուրքովը:
Մէկ
-
երկու
անդրանիկ,
միջին
ընտանիքներէ,
անդարձ
հեռացած
հայրիկին
տեղը,
կանուխկեկ
մտած
հացի
պայքարին,
ու
այդ
գնով,
սուտով
ու
փուտով
շտկած
տունին
կործանած
տնտեսութիւնը:
Բոլորն
ալ,
նոյն
հրաշքով
նետուած
դուրս
անկէ:
Բոլորն
ալ,
բացի
Սողոմենց
Սողոմէն,
չունէին
մէկը
«անկողինին
մէջ»
իրենց
սպասող,
ինչպէս
սկսած
էին
սրախօսել
իրարու,
երբ
ջուրերու
գլխուն,
հանգչելու
ատեն
ծաղրանկարը
կ՚ընէին
փարթամ
`
բայց
գոնջ
աղաներու
եռանդին,
կրկնելով
անոնց
մասնայատուկ
շարժումները,
թիփիկ
բեկորները
բառերուն,
նորոգելով,
կարելի
հարազատութեամբ
յօնքի,
թարթիչի,
նոյնիսկ
քիթի
այն
փոքր
կնճռումները,
որոնք
մեր
դէմքին
սովորական
միակերպութեան
վրայ
կը
բուսնին
յանկարծ
ու
կու
տան
անոր
`
շեշտն
ու
կտրուածքը
մեր
մնայուն,
անկորուստ
անձնականութեան:
Բարկութեան
հրթիռ
մը,
հաճոյքի
փայլակ
մը,
գոհունակութեան
փոքր
հեւք
մը
յաճախ
կը
բաւեն
այդ
լիութիւնը
յառաջ
բերելու:
Ուրախութիւնը,
երբ
կ՚արտայայտուի
հնչումով,
գերագոյն
պատեհութիւններէն
մէկն
է,
մեր
դէմքը
իր
վաւերական
կնիքին
դարձնող:
Երբ
դիտեցիք,
այսինքն
`
զգացիք
ծիծաղի
մը
հաստութիւնը,
չափած
էք,
բաւարար
ստուգութեամբ,
թանձրութիւնը
հոգիին,
ուրկէ
փրթած
է
այդ
միսի
ալիքը:
Հետի,
վերջին
խումբն
էր
ասոնցը,
այդ
օրը
գազայէն
գեղ
դարձող
ուրիշ
խումբերու:
Գրեթէ
բոպիկ
–
շատեր
ծախած
էին
իրենց
ոտիցները
հացի
համար
-,
բայց
տարիքէ
թեթեւ,
անոնք,
հակառակ
առաջացած
գիշերին,
չունէին
դասական
աճապարանքը,
որ
դէպի
գեղ
դարձը
կ՚ոգեղինէ
անգիտակցաբար:
Թուրք
գեղերու
պատկանող
հողամասերու
մէջ,
անոնք,
ըլլալէ
յետոյ
զուսպ
ու
մտավախ
-
դարերը
յօրինած
ըլլալու
են
այդ
ներքնազգեստը
մեր
հոգիին
համար:
Միջավայրի
փոքր
փոփոխութիւն
մը
անհասկանալի
կ՚ընէ
այդ
գոյավիճակը
հիմա
մեզի
-
անգամ
մը,
որ
զգացին
հոգին
իրենց
հողերուն,
ինքնահոս
բնակութեամբ
մը
դարձան
թեթեւ
ու
արի:
Անոնք
երկար
փնտռուած
բանի
մը
հասնելուն
շեշտ
գիտակցութիւնը
ունէին:
Պարզ
ու
մեծ
էր
զուարթութիւնը,
որ
կը
յորդէր
անոնցմէ:
Սանկ
յարդարուած,
համով
հոգեվիճակ
մը,
որ
մեծ
տագնապներէ
յետոյ,
կը
բացուի
մեր
ներսը,
լուալու
համար
կարծես
ժանտ
ու
սեւ
աղերը
ցաւին:
Հակառակ
անցեալ
ըլլալուն,
բանտը,
աւելի
ճիշդ
`
անով
ստեղծուած
բարեխառնութիւնը
չէր
հեռանար
անոնց
կրունկներէն:
Չես
գիտեր
ինչպէ՛ս,
մօտէն
կամ
հեռուէն,
բոլորն
ալ
քսուած
քոմիթաճիներու
պատահարին,
ինկած
էին
բանտ
շատ
խոշոր
յուզումներու,
դղրդումներու
ընդմէջէն:
Կառավարութիւնը
վաշտ
մը
զօրքով
կատարած
էր
ձերբակալութիւններ,
ահաբեկած
գեղը
ոստիկանական
անսովոր
միջոցներով,
ու
խորտակած,
վայրագ
հեշտութեամբ
մը,
աւագանին,
զանոնք
կապելով
աղաներու
սրճարանի
սօսիին
ու
անխնայ
ծեծելով,
ստեղծելու
համար
խօլ
այն
բռնկումները,
որոնք
ամբոխ
մը
մէկէն
կը
փաթթեն
ու
կը
տանին
աղէտին:
Անիկա
խորտակած
էր
նմանապէս
դասակները
քաջերուն,
հինգ
-
տասը
տարի
առաջ
լեռներուն
իշխող,
բայց
հիմա
մտած
զգաստութեան
ճամբան:
Ու
բանտարկեալները
դողացած
էին
ահաւոր
այն
մտապատկերէն,
որով
կը
ձեւէին
մահը
խեղճուկ
այդ
բանտին
մէջ,
թուրք
իրենց
ընկերները,
յեղափոխական
պարունակէն
–
ոտք
ու
ձեռք
կապուած
`
շաքարի
տոպրակին
մէջ
թխմուելէ
յետոյ
ձգուիլ
ջուր
-,
շփոթելով
Պոլսոյ
ջուրերը
սա
ողորմելի
գազային
հոտած
առուակին
հետ:
Քաղաքական
յանցանքները
տարօրինակ
ճակատագիրն
ունին
յանցանք
չըլլալու:
Անոնք
զգացումներ
են,
վիճակներ
են
ու
իբր
այդ
կը
տպաւորեն:
Թող
փոխուի
բարեխառնութիւնը,
ու
երէկուան
մահապարտը
կը
բարձրանայ
մինչեւ
գերագոյն
գահը
իշխանութեան:
Հայ
տղաքը
նեղուած
չէին
իրենց
թուրք
բանտակիցներէն,
որոնք
իրական
յանցապարտներ,
կէս
արգահատանքով
կը
դիտէին
զիրենք,
բայց
այցելուած
էին
մղձաւանջէն,
որ
կը
բռնէր
անոնց
ցերեկն
ու
գիշերը:
Անոնք
իրենց
հողերուն
ալ
վրայ,
ինչպէս
հիմա,
կը
քննէին,
կը
դատէին
`
հասկնալ
փորձելու
պատճառը,
որ
զիրենք
կ՚ազատէր
ձուկերուն
կեր
ըլլալէ:
Օրերով,
բանտի
մէջ,
փորած,
փորփրած
էին
փաստերը,
իրողութիւնները,
փորձառուներու
վկայութիւնները,
հասնիլ
կարենալու
համար
սա
դատավարութեան
թաքուն
ծալքերուն,
կերա՛ծ
ծեծը,
անլուր
խստութեամբ,
խոստովանելու
համար
պոմպաներուն
պահեստը,
բայց
չէին
ըմբռնած
իմաստը
այս
ամէնուն:
Անոնցմէ
շատեր
յեղափոխութիւնը
ճանչցեր
էին
իրենց
դպրոցական
երգարաններով,
զորս
կը
յօրինէին
անլուր
խնամքով,
ամէն
մէկ
երգի
սկզբնատառին
համար
հաւնոց
մը
սոթտելով,
վճարելու
համար
թռչնագիրներուն
արժէքը,
ու
ջուրի
պէս
գոց
սորվելով
բառ
ու
եղանակ,
-
ամէնէն
հաստ
գլուխներն
անգամ
անմասն
չեղան
այս
նուիրանքին:
Աւելի՛ն.
ասպատակներու
հաշուոյն
փսփսացուած
շահատակութիւններով,
սպանութիւններով:
Աւելի
`
քանի
մը
կարմիր
լրագիրներով,
ճմուռ
-
ճմուռ,
որոնք
Պոլսէն
կ՚անցնէին
Եալովայի
գեղերը,
յետոյ
կը
ճամբորդէին
դէպի
հարաւը
լիճին:
Բայց,
ամէնէն
աւելի,
իրենց
հոգիին
անքակտելի
վկայութեամբ,
պարզ
ու
յստակ
այն
ձայնով,
որ
կը
խօսի
ամէն
գեղի
ժողովուրդի
մէջ,
առանց
դուրսէն
դասի,
մանուկներէն
իսկ
զգալի
բարբառով:
Ու
մի՛
զարմանաք,
որ
զանգուածը,
անոր
ամէնէն
կարծրացեալ
խաւն
իսկ
թրթռայ
այդ
յուզումին
ներքեւ:
Բռնապետութեան
հետզհետէ
սաստկացումը,
պետական
ուշադրութիւնը,
որ
զէնքի
տղոցմէն
կը
տարածուէր
դէպի
հարուստները,
թուրքերուն
յաջողութիւնները
ու
վեհապետին
անձովը
պայմանաւոր
այն
տարօրինակ
հաւատաւորութիւնը,
որով
երկինքն
ու
երկիրը
իրենց
սեփականութիւնը
կը
զգային
դաշտի
գօս
ու
գոնջ
կովարծ
թուրքերը
անգամ,
-
այս
ամէնը
փոխած
էին
ընդունուած
մտապատկերները:
«Հայուն
Աստուա՜ծը»:
Ով
գիտէ
ո՛ւր
էր
ինկած
գերի
Մահմէտին
մէկ
խաղին:
Ինչո՞ւ
այս
տրտմութիւնը,
ցեղային
յուսաբեկման
սա
ժանգը
այդ
տղոց
ալ
մէջ,
սա
պահուն
իսկ,
երբ
հողն
ու
օդը
կը
դադրէին
օտար,
թշնամի
ըլլալէ:
Ու
տեսան,
որ
չէին
կրնար
չյիշել
անցածը:
Ու
խոշոր,
ու
արագ,
խուռերամ
`
անոնց
մէջ
կը
յառնէր
այդ
անցածը,
պղտոր
ու
անաւարտ,
ինչպէս
նկարագիրն
է
կեանքին:
Ու
կը
խօսէին,
ցատկող,
քիչ,
բեկ
այն
բառերով,
որոնք
մարմինէն
աւելի
հոգիին
յոգնութիւնը
կը
պատմեն:
Անոնց
լեզուին
վրայ
տարտամ
ու
անկշիռ
բանի
մը
վերածուած
էին
դէմքերը
զոյգ
քոմիթաճիներուն,
որոնք
իրենցմէ
մեկուսացուած,
ատեան
կը
բերուէին,
սուինապատ
հսկողութեամբ,
ամէն
օր,
կը
քննուէին
միավանկ
հարցումներով
ու
կ՚առաջնորդուէին,
նոյն
արարողութեամբ,
իրենց
նկուղը:
Այդ
մարդերը,
այդպէս
կապուած,
այդպէս
կործանած
կը
ցաւցնէին
անոնց
սիրտը,
տաք
երկաթի
մը
պէս
այրելով
իրենց
ճիկէրը,
-
այնքան
տխուր
էր,
օտար
էր
իրենց
աչքին
դրուածը
իրենց
մտքին
մէջ
պատրաստուածէն:
Յետոյ
`
տեսակ
մը
թշնամական
բան
կ՚արթննար,
իրենց
յուսախաբութիւնը
ու
անոնց
թշուառութիւնը
իրար
կամրջող:
Ասո՞նք,
այն
մարդիկը,
որոնց
ձեռքովը
պիտի
մարմնանար
դարերու
երազը:
Անոնք
չէին
կրնար
վերանալ
անմիջական
ոլորտէն:
Ու
կը
նեղուէին
ու
կը
հրուէին
դէպի
անլոյս
խրամները
իրենց
գերութեան:
Կռիւին,
վառօդին
հոտէն
հեռու,
բառերու
հրայրք
մը
անզօր
է
գեղացիին:
Ազգային
իրենց
խորհուրդէն
այսպէս
մերկացուած,
քոմիթաճիները
կը
վերածուէին
պարզ
ու
խեղճ
արարածներու:
Ու
ատելով
կ՚ոգեկոչէին
անոնց
մունջ
ու
նկուն
նկարը,
սուիններուն
վանդակին
մէջ,
շղթայապիրկ
ու
անխօս:
Ո՞վ
էին:
Ուրկէ՞
կու
գային:
Անոնք`
որոնք
եղած
էին
հետերնին,
այդ
օրերուն
իրենց
չհարցուցածը
հիմա
կը
հարցնէին
անոնց
ոգեկոչուած
պատկերներուն:
Անգիտացած
էին
անոնց
ինչու
գալն
անգամ:
Ոչ
ոք
ուշադրութիւն
կ՚ընէր
իր
մտածումներուն:
Ճամբու
իւրաքանչիւր
ոլորք
պահ
մը
կ՚ընդհատէր
անոնց
նիւթը:
Ամէն
արտ
անհատականութիւն
մը
ունի
ու
դէմք
մը:
Նոյնիսկ
մութը
անբաւական
է
եղծելու
անոնց
այդ
առաքինութիւնը:
Կը
ձգուէին
պարտէզներու
տէրերուն,
տուներուն
դէպի
իրականութիւնները:
Ու
քիչ-քիչ
կը
մոռնային:
Եւ
որովհետեւ
գեղին
առաջաւոր
մասը,
աս
ու
ան
ձեւով,
խառնուած
էր
անոնց
ներկայութեամբը
ստեղծուած
խռովքին,
զարմանալէ
յետոյ,
յոգնած`
թափանցիկ
ու
անպտուղ
ճիգէն,
կը
լքէին
քոմիթաճիներուն
խորհուրդը,
ծանրանալու
համար
փոքր
դրուագներու,
իրենց
ծանօթներէն,
իրենց
իսկ
պատահածներէն,
երգարանի
մը
համար
տունով-տեղով
աքսորուած
վարժապետէն:
Իրե±նցը,
այսինքն`
հիմակուա՞նը:
Անոնք
կը
դատէին
զայն,
քիչ
մը
փոքր
ու
սկեպտիկ:
Ու
հիմա,
որ
ա՛լ
հեռու
էին
անմիջական
պատուհասին
մղձաւանջէն
-
արձակուելէ
առաջ,
բանտին
բակին
մէջ,
յետոյ
շուկան
աղօթած
էին
Սուլթանին
արեւշատութեան
համար
-,
կարծես
ազատուած
ընդմիշտ
թուրքին
ահէն,
իրենց
գեղին
քաղցր
մերձաւորութեան
առջեւ,
անոնք
վերադարձան
իրենց
տարիքին
հիմնական
պահանջին:
Ու
կը
գունաւորէին
իրենց
կարօտը,
ըղձանքները,
արիւնին
խենթութիւնները,
մերթ
սրամիտ
ջերմութեամբ,
մերթ
նիւթով,
թանձր
պատկերներով,
իրապաշտ
ու
լիրբ,
նետելով
բառերուն
հետ,
քովէն`
անուններ,
վաւերական,
գեղէն`
կնիկի,
աղջիկի,
հարսի,
-
բոլորն
ալ
մեծաւորներէն,
որոնք
իրենց
հետ
բանտ,
իրենց
հետ
արձակուած,
վարձեր
էին
պատրաստի
բոլոր
կառքերը,
ժամ
առաջ
վազելու
համար
ոչ
թէ
իրենց
տուները
-
շատ-շատ
անգամ
երիտասարդներու
բերնին
մէջ
տուն
մը
բանաձեւի
կը
վերածուի
հոն
աճող
աղջկան
կամ
§լուս
տուող¦
հարսին
անունով
-,
այլ`
ծոցը
աս
ու
ան
կնիկին:
Դրամը,
մեծ
մեղքերը,
խուլ
ու
գաղտ
ախտերը
գեղի
կնիկներէն
կազմած
էին
մասնաւոր
դասակարգ
ու
զարգացուցած
անոնց
ախտաժէտ
միսերուն
մէջ
այլապէս
խոր
խռովքներ,
երակուելու
ատեն
չունեցող
յուզումներ,
որոնք
գործի
կը
վերածուէին
երբեմն
զգայացունց
մեղքով
մը,
տիրելով
պարզ
մարդերու
խաղաղ
գիշերներուն:
Ու
ասոնք
կիներն
էին
հարուստներուն:
Աղքատներու
հաշուոյն,
ամէն
կին
տեսարան
կու
գար,
իր
հրապոյրներուն
ամբողջ
հէնքովը,
սանկ
ընտանի,
մօտիկ,
մասնաւորներու
կծիկէն,
որով
միս
մը
կը
զատուի
միւս
միսէն,
անցնելու
համար
սա
տղոց
ակռաներէն,
շրթներէն,
որոնք
անզգալաբար
կը
պարպուէին
այրերուն
համար
այնքան
պինդ
հեգնութեան
երանգէն,
ըսես
նուաճուելով
սեռին
խոր
ձգողութենէն
ու
կ՚արտաբերէին
հարսը,
աղջիկը,
կինը,
իրենց
մարմնամոյնքը`
խորախորհուրդ,
թունդ
օղիի
մը
պէս
ներսերը
այրող
յուզումով:
Ու
շարքը
դասական
հէնքերուն,
միամիտ
ու
խորունկ,
որոնք
կը
բացատրեն
սիրային
եղանակներուն
սրտառուչ
քաղցրութիւնը
եւ
գեղէ
գեղ
կրակ
ու
համ
կը
փոխադրեն
միջոցին
վրայով:
Քսանամենի
տղաքը,
կարգուելէ
առաջ
սեռ
են
ամբողջութեամբ:
Գեղին
բոլոր
յոգնութիւնները,
ու
դուք
կը
հասկնաք
նիւթական
աշխատանքին
ամէնէն
ծանր
տեսակները,
բոլոր
զբաղանքն
ու
աղքատութիւնը
անզօր
կը
մնան
գերագոյն
այդ
ցուցմունքին
դէմ,
որ
տղոց
մարմինները
կ՚ասղնտէ
ու
անոնց
հոգին
հազար
բերան
աղբիւրի
մը
կը
վերածէ:
Ինչ
որ
ալ
ընեն,
նիւթեղէն
կենցաղի
որ
ձեւին
ալ
մտնեն,
անոնք
պիտի
յաճախուին
սեռին
մեծ
մագնիսէն
ու
պիտի
արեւելուին
անոր
բեւեռներէն:
Այսպէս
էր,
որ
անոնք
մոռցած
իրենց
տուներուն
դժնդակ
զօրութիւնը,
մոռցած
նոյնիսկ
իրենց
մայրերն
ու
պարագաները
կը
շինէին
պատկերները
վերադարձողներու
միացումին,
անգիտելով
սեռէն
դուրս
ամէն
բան,
ուրանալով
ծերունի
հայրը,
որ
գաւազանին
տուած
իր
լխկող
ոտքերը`
կը
կենար
սեմին,
պագնելու
համար
դարձող
զաւակը,
անգիտելով
կարօտին
պարզ,
մարդկեղէն
յուզումին
բաժինը`
տան
առաջներուն,
տեսարանին
վրայ
ցաթեցնելով
միայն
ու
միայն
արեւը
սեռին,
յիմար
ու
միամիտ:
Այդ
տղոց
հաշիւներով
ամէն
կին
պարտաւոր
էր
ընդունելու
իր
էրիկը
դրան
սեմէն,
բերնին,
այտերուն
ու
աչքին
մէջ
փոխադրելով
ինչ
որ
անոր
համը
կը
շինէ
աշխարհի
աչքին:
Ու
տղոց
երեւակայութիւնը
կը
մանրամասնէր
կարմիրն
ու
դալուկը,
թուշին
խալն
ու
աչքերուն
ծովը,
դատելով
մորթին,
հասակին,
մազերուն
ու
ծոցին
փաստերը,
առանձին
առանձին,
որոնց
համեմատ
աս
ու
ան
հարսը
շրթունքիդ
ներքեւ
«ճըմլուած
նուռ
կը
դառնար»,
կամ`
լուացուելէ
յետոյ`
արեւին
փռուած
§մետաքսի
կտոր¦,
կամ`
«հրեղէն
էակ»,
որուն
նայուածքին
տակ
քարերը
լեզու
կ՚ելլեն:
Յետոյ`
անոնք
զոյգին
կը
հետեւին
բակին
կիսամութին
մէջ,
իբր
թէ
մինակ
ըլլային,
այսինքն`
առանց
տուն
մը
պզտիկի,
կեսուրի,
կեսրայրի,
ազգականներու:
Անոնք
անոնց
մարմինները
իրարու
կու
տային
ու
կ՚առնէին:
Սանդուխէն
վերնայարկ:
Յետոյ`
սրահ,
սենեակ:
Ու
խեղճ
այդ
կիները
պարտաւոր
էին,
ամէն
մէկ
տեղի
համար,
իրենց
բերանէն,
մատներէն,
ու
մարմինին
աւելի
պատսպարուած
մասերէն
հանել,
կատարել
յատկանշական
այն
շարժուձեւը,
որով
կին
մը
կը
զատուի
մեր
մտքին
մէջ
ու
կ՚անձնանայ:
Անոնք
կ՚աւարտէին
ընդունելութիւնը,
գինին
ու
ճամբու
կը
դնէին,
մեծ
աճապարանքի
մէջ,
բոլորը,
հետեւելու
համար
զոյգին
մինչեւ
չորս
խաւ
անկողիններէ
կազմուած
մահիճը
ու
կը
պառկեցնէին
զանոնք:
-Ուտողաց
անո՜ւշ,
Սողոմենց
Սողոմ:
Պոռացողը
շուտիկ
կառապան
մըն
էր,
մօրը
մանածը
ծախած,
որ
գործին
բերումով
կը
ճանչնար
նաւահանգիստը,
Պրուսան,
անոր
ջերմուկները
ու
ասոնց
ծառերուն
ներքեւ
գիշերազբաղ
խրախճանքները,
պոռնիկներով
ու
մանչերով
ու
կը
նկատուէր
սեռային
մարզին
վրայ
առաջնակարգ
մասնագէտ:
Պատմեր
էր
բանտին
մէջ
անմոռանալի
դրուագներ,
հնարովի
կամ
ապրուած
ու
շահած
էր
համակրութիւնը
բանտապահին:
Կ՚ընէր
այս
ելոյթը,
պճռկելու
համար
մեղուին
բոյնը:
Սողոմենց
Սողոմը
անմատչելի
էր
մինչեւ
սա
պահը
հեքիաթին
եւ
իրականութեան:
Ընկերները,
լուռ,
սպասեցին,
որ
գոնէ
հիմա,
կատարուի
սխրալի
պատմումը
Նալպանտենց
Աղուորին
ծոցէն,
քանի
որ
յղութեան
փաստը
հասեր
էր
մինչեւ
հոն,
բանտը:
Սողոմենց
տղան
մնաց
համր,
ինչպէս
ըրած
էր
արդէն,
ո՛չ
հերքելով,
ո՛չ
հաստատելով
հասարակաց
տարաձայնութիւնը:
-Ուտողաց
անո՜ւշ,
-
կրկնեց
կառապանը
ու
պարպեց
տեսարանին
վրայ
մարմինը
ալայպէյի
մը
կնոջ,
որ
Պրուսայէն
նաւահանգիստ
երթի
մը
պահուն
նուաղած
էր
կառքին
մէջ:
Իրա՞ւ:
Սո՞ւտ:
Ինչո՞ւն
էր
պէտք:
Անիկա
գրկած
էր
կինը,
իջեցուցած
ծառի
մը
տակ,
ու
լուսնի
լոյսով
ու
համբոյրով
արթնցուցած
§հիւրիւ
մէլէք¦
կնիկը…
Հասած
էին
աղբիւրը
հաճի
Մարուկենց
հաճի
Պետրոսին,
առաջի՛նը`
գեղին
սահմաններէն:
Մատղաշ
ու
գեղակերտ
ընկուզենի
մը
-
տնկուած
ծնունդին
օրը
հաճի
Մարուկենց
հաճի
Պետրոսին
աղջկան,
որ
գեղին
ամէնէն
աղուոր
աղջիկը
ըլլալէ
ետքը,
բացառիկ
զիջումով,
պահած
էր
հայրական
մականունը
էրկանը
տունը
երթալէ
ետքն
ալ
-
ծանր
բան
մը
կը
դողացնէր
անոնց
շուրջը:
Ծա՞ռը,
թէ
գեղանի
կնիկին
պատկերը:
Իրողութիւն
էր,
որ
անոնց
շուրջը
կը
ծաւալէր
պտուղէն
նոր
կողոպտուած
ծառի
այն
տրտում,
կոծկոծուն
հոտը,
որ
կը
դիմանայ
տակաւին
քանի
մը
օր
ալ,
քաղէն
ետքը:
Յետոյ`
մարդոց
շունչը,
համը,
քանի
մը
ժամերը,
որոնցմով
յօրինուեցաւ
գաղփաղփուն
պատկերը
աղուոր
կիներով
տրոփուն
ու
տղոց
մտքին
մէջ
անջինջ
փորագրուող:
Վասնզի
կեանքը
թեթեւ
է,
երբ
կը
քալէ:
Կապարի
պէս
կը
ճնշէ
անիկա,
երբ
կը
կենայ:
Այդ
ընկուզենիին
տակ
ան
օրը
եղած
էր
հաւանաբար
հաճի
Պետրոսի
հարսը,
այլապէս
խռովիչ
ու
մտքերու
վրայ
աննահանջ
գամուող
այդ
միւս
կնիկը:
Գուցէ
զոյգ
այս
կիներուն
տեսիլքն
էր,
որ
անոնց
վրայ
բերաւ
սիրտ
սեղմող,
շատ
անօթի
զգայութիւններ,
բոլորովին
նման
անոնց,
որոնցմէ
տառապեր
էին
այդ
տղաքը,
խուլ
բակերուն
խորը,
երբ
նորատի
հարսնուկներ
առանց
զգալու
իրենց
ըրածին
ծանրութիւնը,
կը
ժպտէին
իրենց
ու
կու
տային
օրուան
ուտեստը,
ըսելով
աշխատութեան
տեղը
եւ
հեռանալով,
մշտաժպիտ
ու
հո՜վ:
Հիմա
չամչնային,
հաստատել
ջանային
պիտի
հետքերը
ձողին,
երկու
կիներուն
բազուկներէն,
որ
թօթուած
էր
պտուղները:
Ո՞վ
էր
ըսեր
իրենց
ներկայութիւնը
կիներուն,
քաղի
ցերեկին:
Բայց
վերադարձողներուն
մէջ
կային
տղաք,
որ,
դաշտի
իրենց
գործը
կէս
ձգած`
ելեր
էին
դէպի
սա
աղբիւրը
պարզ
պատկերին
վայելքին
համար,
հեռու,
աւելի
առաջ:
Ծառը
կը
հեծկլտար
մեղմ
ու
տրտում,
ըսես
սփոփել
ջանալով
իր
ամայացած
ծոցին
բիւրաւոր
վէրքերը:
Մո՞ւթ,
-
կար
անշուշտ,
ծառին
տակ
աւելի
խիտ:
Մէկը
գտաւ
օճախն
ալ,
որուն
առջեւ
ծունկ
դրած
ըլլալու
էր
հարս
Լուսիկը,
անունէն
աւելի
լուսաւոր,
ամբողջ
ցանկութիւն
ու
հուրք
աղջիկը
հաճի
Պետրոսին:
Երկարեց
ոտքը,
տրեխին
քիթով
մոխիրը
խառնելով:
Շո՞ւնչ,
ջերմութի՞ւն,
կնիկի
հա՞մ,
թէ
ուրիշ
բան
էր
փնտռածը:
Նստան
սակայն:
Ու
բոլոր
տղաքը
ու
քիչ
մըն
ալ
աւելի
տարւօքները
այս
կէտին
նման
էին
իրարու:
Անկարելի
էր
խմել
այդ
աղբիւրէն,
հանգչիլ
անոր
վերեւը
յարդարուած
տափին
ու
չխօսիլ
անոր
տիրոջմէն,
ու
չդնել
մէջտեղ
աղջիկն
ու
հարսը
հաճի
Պետրոսին:
Առաջինը`
իբր
ամէնէն
գեղանի,
կատարեալ
մարմինը,
զոր
կարելի
էր
տանիլ
ժամ,
հագուեցնել
Աստուածամօր
պատկերին
պէս
ու
կեցնել
խորանին,
այնքան
մաքուր
ու
խաղաղ
էին
գիծերը
անոր
երեսին
եւ
որուն
էրիկը
խաչ
կը
հանէր,
հանելու
էր
ապահովաբար
ամէն
ծոցը
մտնելուն:
Չէր
խօսուած,
պաշտպանուելով
իր
շնորհէն
ու
քիչիկ
մըն
ալ
անսովոր
երկայնութենէն,
որով
հովանաւոր,
ժամ
ու
աղօթքի
նուիրուած,
հօրենական
տունին
մեղքերը
կը
քաւէր
էրկանը
տունին
մէջ
իբրեւ
օտար
ապրելով:
Ամուլ
էր
անիկա
եւ
հեռու
կիրքէն:
Բայց
դպրոցական
տղաքը
կը
խենթենային
անոր
աչքերէն,
երբ
լուսարար
իր
էրկանը
հետ
անիկա
տաղաւարներուն
եկեղեցիին
արդուզարդը
կ՚ընէր,
պատկերները
սրբելով
մազերովը,
տիրացուներուն
գլխուն
դնելով
իր
բամպակէ
ափերը
եւ
նայելով
խոր,
հեռու
անոնց
բիբերէն
անդին:
Այդ
օրերուն
անիկա
հիւանդ
կ՚ընէր
արբունքի
հասած
տղաքը:
Երկրո՞րդը,
ոչ-նուազ
գեղանի
հարսը
հաճի
Պետրոսին:
Որ
կ՚ատէր
բոզութիւնը
-
իր
բառերն
են
ասոնք
-,
բայց
իր
կրունկէն
անպակաս
կը
պահէր
նոր
ժմնուկ
տղաքը,
որոնց
մօտ
էր
հարսնիքը:
Հինգ
տարուան
մէջ
չորս
տղայ
փոխած
էր
անիկա
եւ
ոչ
ոք
գիտէր
ստոյգ
անոր
հաշիւներուն
մէջ:
Անշուշտ
զուրկ
էր
անիկա
տալոջը
արձանային
շնորհէն,
բայց
կ՚արժէր
աւելի
տղոցը
մտքին:
Համարձակ`
բայց
ընտանութեամբ
սքողուած`
անիկա
իր
խօսքը
կ՚ուղղէր
մեծին
ու
պզտիկին,
ա՛յնպէս`
որ
ուզուածը
առնէին
անկէ:
Քաղցր
ու
սրտառուչ,
հերքելու
համար
բոզութեան
կապուած
ձեւերուն
լպրշութիւնն
ու
աղտը,
տխո՛ւր`
լալու
չափ,
նայելու
ատեն`
ինչպէս
ժպիտին
մէջ,
որ
կոտրած
շղարշի
մը
պէս
կ՚իյնար
անոր
երեսներուն:
Անոր
էրիկը,
գինով
Պետրոսին
խօթացած
տղան,
խելքէ
միտքէ
հեռու
ճամբաներէ,
շատ
հաւանաբար
կնիկին
կախարդական
մէկ
արարմունքովը
կը
կորսնցնէր
ամսէ
ամիս
մարդկային
իր
գիծերը,
ստանալով
եզի
թանձրութիւն
ու
դէմք:
Ճակտին
երկու
կողմերէն
կոտոշի
յայտնի
սկսուածքով,
երկոտանի
քալելու
տեղ
չորս
ոտքով
գնացքէն
ախորժելով,
հետզհետէ
փախչելով
մարդերէն,
չխօսելով
ոչ
ոքի
հետ,
կորսնցնելու
չափ
բառերու
յօդաւորումը
եւ
իմաստին
աղերսը,
չուտելով
տան
սեղանէն
-
ուրիշներու
հաւաստածին
համեմատ
պարտէզներու
մէջ
թթենիի
տերեւները
ուտելով
-,
պառկելով
վարը,
ախոռին
մէջ,
կովերուն
քով,
ու
մշտապէս
լուռ`
անիկա
բախտ
էր
բերած
կորակործան
հաճի
Պետրոսին,
որ,
հին
ու
անուանի
գերդաստանի
մը
տաշտի-քերուկ
մէկ
շառաւիղը`
ընտանիքին
բոլոր
խօթութիւնները
կ՚ամփոփէր
իր
պատանութեան
վրայ
ու
իր
երիտասարդութեան
մէջ
սպառած
էր
պապենական
կալուածները,
օղիին
կարասին
շուքին,
եզան
ճակատ
իր
մանչուն
եւ
պարկենք
իր
աղջկան
անհաշտելի
հակասութեանցը
միջեւ,
բայց
շտկեր
էր
մէջքը,
հարսին
տուն
ոտք
դնելէն
ասդին,
վճարած
մանր`
բայց
անողոք
պարտքերը
սրճարանին
եւ
նպարավաճառին,
վերագտնելով
գերդաստանին
հնօրեայ
վարկը,
չզատուելով
երբեք
կարասին
շուքէն,
ու
վերստեղծելով
հին
բարքերը,
սեղանները,
հացկերոյթները,
խմիչքի
երեկոյթները,
կնունքի,
հարսնիքի,
մեռելի
առիթով
մեծածաւալ
փիլաւները:
Դրամին
առատացումը,
նիւթական
իր
բարգաւաճումը,
աղջկանը
հեքիաթը
ու
հարսին
խուլ
հրապոյրը
նպաստած
էին`
ստուերի
մէջ
ձգելու
համար
երկնառաք
պատուհասումը
իր
մանչուն,
որ
կարգուելէն
ասդին
կը
խորանար
իր
մեծագարութեան
մէջ:
Իրողութիւն
էր,
որ
«մամածակ»,
«էշ»,
«ջորի»,
աւելի
ետքը`
դահացած
«եզ»,
անոր
տղան,
որ
քարի
պէս
հաստ,
բայց
ներսէն
փտուկ
իր
գլուխովը,
նշանաւոր
էր
դարձած
տարեկիցներուն
մէջ,
ամէն
օր
ծեծ
ուտելով
վարժապետէն,
պարտքի
մը
պէս
ու
տասներկու
ամսուան
մէջ
գոյական
մը
հոլովել
(իրաւ
է
թէ
գրաբար)
չսորվելով,
դպրոցէն
դուրս
խելք
էր
գտեր,
ապահովաբար`
Աստըծոյ
պարապ
մէկ
վայրկեանին,
խելքը
Ռուսաստան
երթալու,
շերամի
հունտ
վաճառելու
եւ
փոխարէն
«բեռնով
ոսկի»
բերելու:
Այս
յաջողմունքէն
դէպի
եզութիւն
ո՞րն
էր
ճամբան:
Շատ
բաներ
հնարուեցան:
Օգտագործուեցան
նմանօրինակ
յերիւրումներ,
պատահած
հեռու
տեղուանք
(որոնք
կը
պատմէին
հրաշքները
Ամենակալին),
յաճախ
արդար
վերջաբանով:
Ըսուեցան
աւելի
իրաւ
բաներ,
տունէն,
հաճի
Պետրոսէն,
գեղանի
հարսէն
բխող:
Ըսուեցաւ
ընդարձակ
պուկի
մը,
կառավարուած
կնոջ
կողմէն,
որով
արգելքի
տակ
կ՚իյնային
եզադէմ
մանչուն
սեռական
գործարանները
եւ
ուրիշ
շատ
բաներ:
Ու
չըսին,
չգիտնալնուն,
արիւնը,
որ
կը
յանգէր
սա
վերջին
երակին:
Եզ,
էշ,
մամածակ`
անոր
էրիկը
սխալ
քայլ
չառաւ
դրամի
հարցերուն
մէջ
ու
ամէն
տարի
կանոնաւորաբար
ըրաւ
իր
ճամբորդութիւնը
դէպի
Կովկաս:
Անոր
բացակայութեանը
կինը
«կ՚արծէր»,
զգոյշ
ու
արժանաւոր
վայելչութեամբ,
սուտի
պէս
առնելով
այցելութիւնները,
խերով
ու
առատաձեռն
նուիրանքով
սքողելով
իր
արդուզարդին
մեղրագոյն
նորութիւնը
եւ
քաղաքաձեւ
կոկութիւնը:
Կը
խնայէր
տունին,
օճախին
պատիւին,
հեռու
կենալով
արձակ
գայթակղութենէն,
մնալով
հպարտ
ու
խուսափուկ,
պարզ
ու
քաղցրալեզու,
դիւրամատոյց
ու
անհաս,
վանելով,
վարժ
խաղարկութեամբ
մը,
յայտ
ու
վտանգող
դարպասները
անցեալով
ծանօթ
կնորսներուն,
փոխադրելով
իր
տարփանքը
շատ
ապահով
խորշեր,
մէրանցը
կամ
քոյրերուն
տուները:
Անուններ
կը
կապուէին
անոր
ծոցին,
պատահական,
գուշակովի
ու
անճիշդ,
քանի
որ
չկար
մէկը,
որ
յաւակնէր
հեգելու
գիրերը
այդ
անուններուն:
Բայց
անիկա
տաղանդով
կ՚օգտագործէր
յիմարութիւնները
իր
պարոնտատին,
ով
գիտէ
ի՛նչ
անդնդային
ձայնի
ունկնդիր,
երեսին
վրայ
բաց
կը
պահէր
իր
դուռները
նոր
ժմնուկ
տղոց,
մատաղատունկ
ու
պայծառ
պարմաններ,
հազիւ
ստուերոտ
պինչերով,
ամբողջութեամբ
համ
ու
վայելչութիւն,
կրելով
հոգեկան
աղուամազը,
որով
կը
պարուրուի
մեր
ուշացած
պատանութիւնը,
յանգելէ
առաջ
իր
վերջնական
տարազին:
Թաղէն,
բոլոր
տղաքը,
դեռ
չզատուած
փաղաքշական
իրենց
պիտակներէն:
Ընտանի՛
ու
բնական,
որպէսզի
ելլէին
վեր,
բան
մը
բերելու
պատրուակով,
գտնէին
հարսը,
քսուէին,
կամ
պագնէին
զայն
կամաց,
ակամայ
ու
խենթեցած
իջնէին
բակ,
օղիին
հուրքովը
օծելու
պագին
գինովութիւնը:
Հաճի
Պետրոսը
բակի
դրան
դուրսի
դին,
ծալապատիկ`
չէր
գոցեր
բերանը,
ինչպէս
դուռը,
մինչեւ
որ
չքամէր
երկուքուկէսնոց
շիշը:
Ամրան,
ասիկա
այսպէս,
անփոփոխ
սպասարկումով:
Կարգով:
Չէր
վախնար
գրողէն,
երբ
գղիաթը
փռէր
սեմին
սաքուին:
Սրբազան
հեղուկը
կը
լուսաւորէր,
կը
վառէր
երիտասարդները,
մինչ
բակին
դէպի
խորերը,
հարսին
տեսիլքը,
կիսամութէն
շեշտուած
սպիտակութեամբ
մը
կը
պտըտէր,
խռովելով
խմողն
ու
անցորդը
հաւասարապէս:
Հաճի
Պետրոսին
հարսը
այս
անկիւնէն
էր,
որ
կը
ճանչնար
տղաքը,
իրենց
անպարտկելի
ներանձնութեանը
մէջ:
Օղին
մարդոց
աստիճանը,
այարը
ճշդող
հրաշալի
իսկութիւն
մըն
է:
Սիրտին,
մարդկային
առաքինութեանց,
մա՛նաւանդ
սեռին
անգայտաչափը,
որ
քիչ
անգամ
կը
սխալի:
Մարդ
իր
համբաւը
կը
կերտէ
կամ
կը
քայքայէ
համաձայն
ալքոլի
տակ
իր
ճնշականութեան:
Գինովութի՛ւնը,
-
հերքումն
իսկ
է
օղիին
յատկութիւններուն:
Գինովը,
այսինքն`
ալքոլէն
նուաճուողը
ծիծաղելի
արարած
մըն
է:
Հաճի
Պետրոսին
հարսը
տարիներով
չինկաւ
փողոցին
բերանը,
վասնզի
իր
սիրականները
զատած
էր
այդ
ցուցմունքին
տակ:
…Բանտէն
դարձողները
անշուշտ
չմտաբերեցին
այս
ամէնը
վերբերուած
կարգով:
Բայց
անցան
այս
ամէնով
պայմանաւոր
հոգեվիճակէն:
Տարիքներ
կան,
որոնց
համար
կինը
լիութիւն
է,
փակելու
չափ
ջիղերը
ուրիշ
ամէն
յուզմունքի:
Անոնք
կոտրտուեցան
սեռին
անյագ
ծարաւով,
առանց
քաշուելու
դրին
մէջտեղ
գեղանի
հարսը,
հիւսեցին
անոր
մէջքը
իրենց
բազուկներով
ու
կոտտալէն,
սարսռալէն
կոտրեցին
իրենց
ծունկերը
գետին:
Փուշի
վրայ
էր
միայն
Սողոմենց
Սողոմը,
որ
հաճի
Պետրոսին
հարսէն
ու
աղջիկէն
բաժնուած
էր
շատ
կանուխ
ու
տարուած
Նալպանտենց
տունին:
Գեղին
կողմէն
տեսակ
մը
տաքուկ
շնչում
ցաւի
պէս
կը
դպէր
անոր
կոպերուն:
Պահ
մը
կեցան
ձայները:
Նման
պահերու
մութը
կը
բարակնայ
ինքնիրեն,
գուցէ
անոր
համար,
որ
ներսէն
վառող
պատկերները
զօրաւոր
են
շատ
ու
մարդ
կը
վախնայ
անոնց
փայլէն:
Մնաց
որ,
տեսողութիւնը
աւելի
յստակ
է
ներքին
աչքերով
ու
մարդ
յաւելեալ
այդ
պայծառութիւնը
կը
փորձէ
փոխադրել
շրջապատին:
Ա՛ն`
որ
կնոջ
մը
պատկերին
հետ
կը
քալէ
խաւարին
փորէն,
շեշտ
զգայութիւնը
ունի
կիսալոյսէ
անցնելու:
Յետոյ`
մութը
երբեք
բաւական
թանձր
չէ,
որպէսզի
երիտասարդները,
իրարու
քով
բերեն
իրենց
դրուագները,
մտապատկերուած
տեսիլքներէն
փրցուած:
Ընդհակառակն:
Քաջալեր
մըն
է
անվտանգ
զեղումի:
Ակնոցի
մը
-
գունաւոր
-
պաշտպանութեան
տակ
մեր
աչքերը
աւելի
քաջ
են
կիներու
ձեւերը
խորաչափելու
համար:
Ու
մարդէ
մարդ,
գեղէ
գեղ
աստիճանը
միայն
կը
տարբերի
զգալու
այս
եղանակին:
Թերեւս
դուք
կ՚անգիտանաք,
որ
բանտէն
դարձող
այս
երիտասարդները
տղաքն
են
գեղի
մը,
որուն
հովիւները
իրարու
գլուխ
են
պատռած,
երկինքէն
իյնալիք
կնոջ
մը
տիրացումին
համար:
Պլորեցին
սիկարները,
բոլորը
մէկ,
կարծես
իրարմէ
հրահանգուած:
Հոտի
ու
համի
զգայութիւնները
սեռին
հետ
ունին
աւելի
խոր
աղերս,
քան
աչքին
ու
ականջին
ճարածները:
Լոյսը
օտար
մարմին
մըն
է
ընդմէջ
մեր
ու
առարկային:
Մտապատկերները
կ՚աճին
գիտուններէն
ձեւուած
օրէնքներէն
անկախաբար:
Ինչո±
ւ
ամէն
տղայ
այդ
պահուն
տեսաւ
Նալպանտենց
Աղուորը:
Այդ
տեսակ
պատկերի
մը
յառնումին
համար
Սողոմին
դերը
անկշիռ
էր,
չըսելու
համար`
ոչինչ:
Տղան
մերժած
էր
միայն
ընկերէ
մը
հրամցուած
ծխատուփը,
վասնզի
չէր
վարժուած:
Տեսաւ
գեղանի
կինը:
Գաղջացան
իրենց
զիստերուն
ճամբանե
րէն:
Ու
ծուխին
կծու
ու
ջերմ
համը
կը
փաթթէր
անոնց
ներսին
շատ
մը
մասերը,
ցած,
խուլ,
շրթնաձեւ
հպանցումի
մը
նման:
Ու
ջուր
կը
քալէր
անոնց
ոտքին
մեծ
մատը
մինչեւ:
Աղբիւրին
մեղմակի
պղտոր
լռութեան
վրայ
հազիւ
թէ
կեցած
կայծքարին
համանուագը,
ճամբէն
քայլեր
բացուեցան:
Ո
ւստիանն
էր:
Ողջունեցին
զայն
սիրազեղ
ու
խանդավառ:
Աստուած
էր,
որ
կը
ղրկէր
տաղանդաւոր
պահակը,
քիչ
մը
շէնցնելու
սա
կոտրած,
§կործանած¦
տղաքը:
Նման
պահերու,
սեռին
մտապատկերը
վար
չի
մնար
սեռէն:
Տեղացին
ծխատուփերը,
փութկոտ
ու
սիրահրաւէր:
Մութը
հաստ
էր
ընկուզենիին
տակ
ու
մարդիկը
ձայն
էին
ամէն
բանէ
առաջ:
Փաթթելով
հանդերձ
իր
սիկարը,
պահակը
ամէն
ձայնի
կը
մօտենար
յարմար
բառով
մը,
տունէն,
իրենցներէն,
իրաւ,
մօտ,
գեղ
հոտող:
Ամէն
մէկը
ունէր
իր
հարցումը
եւ
պատասխանին
վայելքը:
-Հոս
չէ±,
Սողոմը:
-Նալպանտենց
տունը,
-
հասցուց
իբր
պատասխան
շուտիկ
կառապանը,
մութէն
շեշտուած,
անսպասելի
լրջութեամբ
մը:
Նոյն
րոպէին
լսուեցաւ
շառաչուն
ապտակ
մը:
Մութը
արգիլած
էր,
որ
տղաքը
կարենային
հետեւիլ
կատարուածին:
Բայց
մտան
մէջ:
Դժուարութեամբ
զատեցին
իրարմէ
Սողոմն
ու
կառապանը:
Բայց
ապտակը
արձակած
էր
լեզուները:
Ու
դատում
էին
անոնք:
Ու
մեղադրանք:
Ու
հրաւէր:
-Քեզի
կէօրէ
ի՛նչ
կայ,
հէ՛յ
տղայ,
-
աւելցուց
քաղցրալեզու
Ուստիանը:
Անոր
կարծիքով
երիտասարդ
մը
միշտ
անմասն
էր
սեռով
ստեղծուած
փոքրութիւններէն:
Թող
էրիկները
ամուր
բռնէին
կապերը
իրենց
կնիկներուն:
Ու
կ
ը
գործածէր
սիրական
պատկեր
մը,
որուն
համեմատ
ազապ
տղան
կը
նմանէր
սանձէն
արձակուած
ցուլի
մը:
Կը
մտնէր
ներս
ամէն
բաց
դուռնէ:
-Թող
մտմտայ
Սերոբ
աղան,
-
լրացուց
անդիէն
ուրիշ
մը,
Ուստիանին
տրամաբանութիւնը
տանելով
իր
բնական
եզրին:
Շուտիկ
կառապանը
սպառնաց,
հայհոյեց,
բարկացաւ
ու
լացաւ:
Ապտակին
նախատինքէն
աւելի`
անիկա
կը
տառապէր
սեռին
հանդէպ
Սողոմին
սրբապղծութենէն:
Իր
փաստերէն
կը
հասկցուէր
հետաքրքրութեան
աստիճանը,
որով
չարչարուած
էին
բանտի
բոլոր
տղաքը:
-Կատուին
ըսեր
են
քաքդ
դեղ
է:
Խորունկ-խորունկ
է
թաղեր:
Առածը
չխնդացուց,
հակառակ
ըսուածքին
խոր
հեգնութեան:
Վկայութեան
կանչուած
էր
փորձառու
Ուստիանը,
որուն
բերնին
մէջ
ծամոցը`
ինչպէս
գաղտնիքը
թրջելու
ատեն
չէին
գտներ:
-Ձեռքէդ
առնելու
չենք
ա,
-
կը
շարունակէր
շատախօս
կառապանը,
ձեռքը
զարնելով
կուրծքին,
ու
ամուրցնելով
բառերը:
-Մեզի
քաղքցի
կ՚ըսեն,
օղլում:
Ու
կը
հաւատար
իր
ըսածին,
մոռնալով
իր
գեղը,
տունը,
նշանածը,
կոյր
հայրը
եւ
կաղ
մայրը:
Տղաքը
իրենց
բաժինները
բերին
այս
փաստերուն:
Համամիտ
էին
շատզրուց
Թումիկին
ու
չէին
հասկնար
ուրացումը:
Ու
չէին
հասկնար
մա՛նաւանդ
կնիկի
մը
անունէն
իսկ
օտար
տղու
այդ
աստիճան
գրգռուիլը:
-Քու
ի՞նչդ
է,
հէ՛յ
տղայ:
Մտածումն
էր
ասիկա
բարեկեցիկ
տղու
մը,
որ
Յիսնակէն
ետքը
հարսնիք
ունէր
ու
ծանօթ`
խումբին
մէջ`
իր
խելքին
ուժովը:
Կը
գրէր
ու
կը
կարդար
ալ:
Անոր
ի՞նչն
էր:
Սողոմը
չպատասխանեց:
Մութը
կը
նպաստէր
կռիւին
լուռ
գնացքին:
Ի՜նչ
դիւրին
կ՚ըսենք
մենք
բաները,
որոնք
ուրիշին
կը
պատկանին:
Չարը
մարելու
համար
Ուստիանը
փակեց
լեզուն:
Ու
կը
պարզուէր
անոնց
բացակայութեան
գեղին
պատկերը:
Մեռելները
հասած
էին
մինչեւ
բանտ:
Ծնունդները,
վտանգի
մէջ
տղաձգանները,
մահամերձները
կարգաւ
տ
եղ
ունեցան
անոր
պատմումին
մէջ:
Խօսեցաւ
գեղին
մուտքին
պատրաստուած
մեծ
կրակէն,
որով
պիտի
տօնէին
տղոցը
վերադարձը:
Հարցուց,
խոր
անձուկով,
քոմիթաճիներէն,
որոնք
օրուան
մարդերն
էին,
նորոգեց,
նորոգել
ստիպեց
սիկարները
իր
ծխատուփէն,
որ
ոտք
մը
երկարութեամբ
փայտէ
աման
մըն
էր
եւ
կը
պարունակէր
ամենագեղեցիկ
խոտը
գեղին:
Յետոյ`
համանուագը
կայծքարերուն:
Վայելք
է
եւ
մեծութիւն,
մութէն
այսպէս
պաշտպանուած,
խաղալ
քարին
ու
կրակին
հետ:
Գեղացին
արքենի
հով
մը
ունի
նման
պահերու:
Ոչ
ոք
կը
մտածէր
հացին,
հակառակ
անօթի
ըլլալուն:
Ու
դուրս
էին
բոլորն
ալ
պարտքին
ծանրոցէն,
ծուխը
լեղի
ալ
չէր
անոնց
քիմքին
ու
լինտերուն:
Ու
անտառ
մը
ամբողջ
բացուեցաւ
անոնց
հոգիներն
ի
վար,
կապուած
աբէթին
անուշ
ամպին:
Ամէն
մէկը
լքեց
ինքզինքը
իր
զգայութեանց
մօտ
կամ
հին
ջուրերուն:
Մէկը
քիթին
տակէն
արձակեց
սրտառուչ
տողը
բանտային
երգի
մը,
որով
կը
սկսէր
գիշերը
մռայլ
նկուղէն
ներս:
Ու
մութին
մէջ
հիւսուեցաւ
բանտը,
բայց
այն
պահով,
ուր
Սողոմենց
Սողոմը
կ՚ընէր
եկող
գիշերը
խելացնոր
երազ
մը,
վեր`
թուրքին
մահուան
ահէն:
Չեղած
լոյսին
մէջ,
որ
չէր
հասներ
դէմքերը
մինչեւ,
տղաքը
ձեւերու
վե
րածուած,
իրենց
կեդրոնէն
կարծես
կ՚արձակէին
այդ
խոր,
սիրտը
ճմուռ-ճմուռ
ճուացնող
մեղեդին,
ամէնուն
ալ
խուլ,
ներքին
մասնակցութեամբը,
հետզհետէ
արցունքի
մէջ
հալող
նուազումով
մը:
Մինչեւ
որ
դիմանար
անոր
ձայնը,
իբրեւ
միւռոնի
աղաւնիէ
մը,
հոսելով
իրենց
բոլորէն
ալ
ներս,
ողնուղեղին
ճամբաներէն,
ջերմ
ու
կայլակ-կայլակ,
ծնունդ
տալով
անսովոր
աղբերացման,
անկանգնելի
տրտմութեան:
Ու
անոնց
ամէնուն
հոգիին
մէջ
կը
բուսնէր
Նալպանտենց
հարսը,
այրուցքի
մը
պէս
իրաւ
ու
կսկծուն:
Նալպանտենց
Աղուորը,
Սողոմենց
Սողոմը,
եւ
իրենց
մէջքն
ի
վար
սողոս
կող
սա
նրբերանգ
պատկերները
ո՞վ
կը
կապէր
իրարու:
Ուստիանն
իսկ
տարւեցաւ
եղանակին
կրակին:
Լուռ
էր
Սողոմը:
Երգը
մէջտեղ
բերաւ
բանտին
ուրիշ
պահերն
ալ:
Չըսին,
ստուգութեանը
վստահ
ըլլալնուն
հակառակ,
յղութեան
աւետիսը,
խնայելո±ւ
համար
գերագրգռուած
տղուն,
թէ
ուրիշ
պատ
ճառով:
Ո՞վ
էր,
որ
մէջտեղ
դրաւ
մեծ
պատահարը,
-
թուրքին
հնարած
սա
հսկայ
դատը,
հայուն
փարա
մը
շարժած
ատենը:
Անոնք
հեռու
էին
սպառելէ
խորհուրդը
իրենց
բանտարկութեան:
Առհաւաբար
կը
հասկնային
բանտը,
ծեծը,
սպաննուիլը,
բայց
կը
զարմանային
իրենց
տեսածներուն:
Անոնց
հիացումը
դեռ
գրաւած
կը
պահէին
Պոլսէն,
յատկապէս
իրենց
դատին
համար
ղրկուած
քննիչները,
բարակ
ու
փափուկ
էֆէնտիներ,
եղով
ու
մեղրով
բերան
բացող,
երեսնուն
մեռոն,
չզատուելու
չափ
անոնց
մատչելի,
հայ-քրիստոնեայի
սիրական
կաղապարէն
ու
հերքելով
դարաւոր
մտապատկերը,
զոր
շինած
է
մեր
գեղացին
թուրք
արարածին:
Իրողութիւն
էր,
որ
պալատը
դէպի
գազան
ճամբու
դրած
էր
փորձ,
կիրթ,
նրբացած
պաշտօնեաներ,
որոնց
առերեւոյթ
մեղմութիւնը
դիւր
կու
գար
գեղացիներու`
զանոնք
մղելու
համար
աժան
խոստովանութիւններու
(այս
փափուկ
էֆէնտիները
խօսած
էին
քաղցրութե
ամբ,
գաղտնի
հրահանգած
ահաւոր
ծեծը
ու
հեռուէն
մտիկ
ըրած
ծիծաղով
ու
գոհ):
Անոնք
իրար
անարգելու
աստիճան
առաջ
գացին,
Ուստիանին
պատմելու
կարգին
համար:
Կը
խօսէին`
իրար
կտրտելով:
Ու
պատմումէն
ոչինչ
դուրս
կու
գար
աւելի
քան
ինչ
որ
ծանօթ
էր
արդէն
խոշոր
գիծերով:
Բայց
կ՚արժէր
ծիծաղիլ
իրենց
միամտութեան:
Փաստաբաններ
էին,
ու
կը
հաւնէին
իրենց
պատասխաններուն:
Ու
կը
փռէին,
լայն
ու
հպարտ,
իրենց
խելքը,
չկշտանալով
իրենց
իմաստութեան
ցուցադրումէն:
Չէին
զգար
աճապարանքը
իրենց
բառերուն,
որոնք
ահաւոր
ապրումներ
կը
համառօտէին:
§Չտեսայ,
չեմ
գիտեր¦
կախարդ
բանաձեւին
գովեստը
կ՚ընէին,
որ
խնայած
էր
իրենց
այն
յոռեգոյն
վախճանները,
գուշակուած
թուրք
բանտարկեալներէն:
Հետաքրքրական
անշուշտ
եւ
արժանի
բացատրուելու`
իրենց
տպաւորութիւնը
յեղափոխականներէն,
զորս
կը
ներկայացնէին
խեղճ,
ձախաւեր,
խօսելու
իսկ
անկարող,
հայեվարի
տեսակ
մը,
ա՛յնքան`
որ
կասկածած
էին
ազգութիւնն
անգամ:
Դժուա՞ր
բան
էր
երկու
թուրք,
Վանի
քիւրտերէն,
քաշել
ու
նետել
հայ
գեղերուն
վրայ:
Չեղա՞ծը
կայ:
Մէկը
հրաւիրեց
զգոյշ
ըլլալ:
Ձայնը
աւելի
հեշտ
կ՚ընէ
մութէն
իր
ճամբան:
Հով
մը
դպաւ
ընկուզենիին
ու
դողացուց
ոստերը:
Բոլորը
դարձան
գեղին
դին,
ուրկէ
կու
գար
հոսանքը:
Սանդխաձեւ
տուներէն
լոյսերը
կը
բացուէին
ու
կը
գոցուէին,
պատմելով
տէրերուն
շարժումներէն:
Մոռցուած
էր
գինով
հաճի
Պետրոսը,
ապտակին
միջադէպը:
Ուստիանը
ոտքի`
դէպի
ճամբան:
Մէկէն
մութը
ծակուեցաւ
կա
րծես
իր
փորէն:
Սիկարին
կրակը
ունի
այդ
խաղերը:
Մէկը
կու
գար:
Ջնջուեցաւ
կրակը:
Շինուեցաւ
նորէն:
Կը
մօտենար:
Քայլերը
երբեմն
կը
պատմեն
ներքին
մարդէն:
Ծանօթ
է
մօր
գերզգայութիւնը,
հեռազգայութիւնը
զաւկին
ոտքերէն:
Լռած
էին
նստողները:
Քայլերը
կեցան
ջուրին
առջեւ:
Ե
կողը
փակցուցած
էր
շրթները
փողրակին:
Չկար
ջուրին
ճիչը:
Բայց
կը
լսուէր
խռչակն
ի
վար,
գունտ-գունտ
սահող
ումպին
աղաղակը:
-Կրակ
է
առեր,
-
նկատեց
նստողներէն
մէկը,
ելլելով
ոտքի`
ճանչնալու
համար
անծանօթ
այցելուն:
-Ո՞վ
ես,
ծօ:
-Է՛ս:
Ամէն
մարդ
ես
է,
ամէն
բանէ
առաջ:
-Մարդի՞կ,
-
Ուստիանն
էր.
ճանչցան
պզտիկ
աղբօրը
ձայնը:
-Վա՛ր
էկօ:
-Ի՞նչ
կայ
ատանկ:
-Վա՛ր
էկօ,
աղբօր:
Պահակը
իջաւ
ցած:
Տեսակցութիւնը
տեւեց
կարճ:
-Սողո՛մ,
քալէ:
Կարծես
ամէնքը
գիտէին
Ուստիանին
հրամանը,
աղբօրը
գալուն
պատճառը:
Տղան
լուռ`
իջաւ
ցած:
Մութը
այնքան
կարօտով
կը
ծեծուէր
անոր
քայլերէն,
որ
ասոնց
զարկը
մտիկ
ընող
մը
պիտի
չխաբուէր,
տասը
անկողինի
համար
գրաւի
մտնելով:
Անոր
անհետացումէն
յետոյ
էր,
որ
նստողները
յիշեցին
անկարեւոր
պարագայ
մը,
մասամբ
արձակումին
յուզումներէն
աննկատ
թողուած:
Գիտէին
միայն,
որ
վար
դրուած
էր
հարիւրապետէն
ու
արձակուած
իրենցմէ
բաւական
ուշ:
Մասնակի
այս
դէպքը
խոշորցաւ
յանկարծ
ու
գեղէն
զրկուած
սուրհանդակը
անոնք
կապեցին
հարիւրապետին,
Նալպանտենց
տունին,
ու
ատկէ`
Աղուորին:
Ոչ
ոքի
համար
գաղտնիք
էր
հարիւրապետին
համակրութիւնը
Նալպանտենց
Սերոբին:
Գիտէ
ին
նաեւ
անոր
յաճախակի
այցելութիւնները,
հիւրասիրուիլը:
Ու
գիտէին
դարձեալ
թուրքերուն
բնազդները:
Դարաւոր
առածը
իրաւունք
ունէր,
երբ
թուրքին
աջ
թեւին
կը
կապէր
բռնաբարումը,
ձախին`
թալանը…
Երբ
մեռաւ
աղմուկը
հեռացողներուն,
կարծես
մէկը
մեղմով
դէպի
աղբիւրը
հրեց
միւս
հզօրագոյն
պատկերը,
Նալպանտենց
հարսը,
որ
թեւերը
կը
բանար,
առնելու
համար
իր
ծոցին
ժամուն
մէջ
սա
բախտաւոր
երիտասարդը:
Հեշտանքի
զգայութիւնները
կը
նեղուին
լոյսէն,
թերեւս
շատ
անձնական
ըլլալուն:
Մութը
զանոնք
կ՚ուռեցնէ
ու
կ՚ուղղէ
դէպի
մեր
ներսը:
-
Էօ՛ֆ,
-
միջամտեց,
այրած
շեշտով,
մարմնեղ
տղայ
մը,
որուն
նշանածը
կ՚աճէր
դանդաղ,
ջուրէ
հեռու
բուսած
բամպակի
թուփին
պէս:
Վարժուած
էին
այս
բացագանչութեան
ու
կ՚ախորժէին
քաշքշելէ
կրակոտ
երիտասարդը:
-Համբերութի՜ւն,
տղաս,
համբերութիւն:
-Կենդանութի՜ւն:
Կը
ձայնակցէր
ուրիշ
մը`
հարսնիքի
բաժակը
իբր
թէ
վերցնելով
ու
ծաղրելով
անոր
առատ
եռանդը:
-Ի՜նչ
աշխարհք
է
աս:
Հարկա՜ւ:
Աշխա՜րհք
էր
աս
գեղը,
ուր
կնիկները
քիչ
էին
այնքան,
այսինքն
անոնք`
որոնցմէ
խեր
կու
գայ:
Ուր
երիտասարդը
կծիկ
ընելու
էր
իր
զօրութիւնը,
սպասելու,
որ
մեծնայ
նշանածը,
բազուկի
դիմանալու
չափ
գոնէ,
տարին
քալէ
յաջող,
բարեբեր
ըլլան
արտն
ու
այգին
եւ
տակաւին
ուրիշ
շատ
մը
առուներէ
ջուրեր
մէկտեղեն
իրենց
լարերը,
որպէսզի
կնիկ
մը
իյնայ
իր
ծոցին:
Հոս
կնիկը
առէք
նիւթի,
միսի
իմաստով:
Սէրը
ուրիշ
բան
է:
Մարմնեղ
երիտասարդը
քալած
էր
մտքով
Սողոմին
ետեւէն…
Չհետաքրքրուեցան,
որքան
կ՚արժէր,
երեքին
հեռացումովը:
Ենթադրեցին
քանի
մը
յիմար
բաներ,
մօտեցան
Սերոբէ
աղային,
անոր
ջուր
կտրած
ողնուղեղին
ու
ոսկի
տոպրակներուն:
Ոգեկոչեցին
հարիւրապետը,
բացատրել
ջանալով
յապաղումին
պատճառը:
Յետոյ
լքեցին
այդ
ամէնը,
կարօտով
դառնալու
համար
իրենց
սիրական
նիւթին:
Մինչեւ
սիկարներուն
հանգումը
անոնք
տեղն
ու
տեղը
պատմումի
բերին,
ծանր
կամ
հպանցիկ
դրուագումով,
Սողոմին
պատահարը,
որ
կը
ներկայանար
տասը
տարիէն
ասդին
ամէնէն
խռովիչ
սիրային
դէպքը:
Տղուն
բացակայութիւնը,
մութին
աստառը
կ՚ընէր
անոնց
բերանը
լիրբ
ու
անպատասխանատու
ու
կու
տար
անոնց
պատեհութիւն
կուշտ
ու
կուռ
լիանալու
Նալպանտենց
հարսին
լօփիկ
մարմինովը:
Բերանէ
բերան,
բազուկէ
բազուկ
անցաւ
հրաշալի
հարսը,
հեքիաթունակ
ու
իրաւ,
ձեւի
վերածուելով
ու
սրտառուչ
համի
մը
մէջ
թուլցնելով
անոնց
մէջքերը:
Յետոյ`
հարուստին
դէմ
թաքուն
ատելութիւնը
իջաւ
կրկէս:
Ուրախ
էին,
անփորձ
իրենց
դատումով
պատահարին
խարանիչ
մասովը,
առանց
կասկածելու
ցաւին,
որ
կը
զարնէ
մարդոց
սիրտերը
այդ
ճամբաներէն:
Նախնական
արարած,
գեղացին
ծեծին
աւելի
կը
հաւատայ,
քան
մուրին:
Դրին
մէջտեղ
ո՛չ
միայն
եղածը,
այլեւ`
կարելին:
Հնարովի
կ՚աճէր
անզգալաբար
ու
պատահարը
կը
հարուստնար:
Պատմութեան
գագաթը
կը
կազմէր
յղութեան
փաստը,
ոսկեզօծ
ու
անհերքելի:
Դայեկ
ու
հաճի
Աննան:
Կը
ծանրանային
պատարագին,
քննադատելով
տէրտէրները
ու
չէին
հասկնար
գործը
վերի
Աստը
ծոյ
սա
կատարուած
տխուր
բանին
մէջ:
Կո՞յր
էր,
թէ
խուլ
տէր
Մինասը,
որ
կնիկի
պէս
ամէն
հարցի
կը
հասնէր
ու
գիտէր
մօրուքին
թելերէն
աւելի
շատ
մեղք,
կնիկներուն
կարկահէն
ապրշումուած:
Անոնք
կուշտկեկ
մը
հայհոյեցին
երէցկինին,
որ
տարիքին
հակառակ
լաչակ
կը
կապէր
դեղին
մազերուն
եւ
խաղցուկ
իր
աղջիկները
կը
տեղաւորէր.
իր
փէշերովը
բանալով
փեսաներուն
ճամբաները:
Յետոյ
լրջացան:
Այսինքն`
կշռեցին
յղութեան
փաստը
ու
բացատրել
ջանացին
յղութիւնը
պատրաստող
ռազմավարութիւնը:
Խե՞լք:
-
Ձեր
ուզածէն
աւելի:
Ծանրացան
հարսին,
արիւնի
գուբ
անոր
մարմինին
ու
անոր
խոր
ձայներուն:
Ոչ
ոք
մտքէն
իսկ
անցուց
կասկածի
տակ
ձգել
հաճի
Աննան,
որուն
կեսուրութիւնը
շատ
ետին
կը
ձգէր
հսկողութեան
սովորական
պայմանները:
Տարիքով
պզտիկ`
չէին
կրնար
ծանօթ
ըլլալ
Բաթեկին
պատմութեան,
հաճի
Աննային
հարսնութեան
տարիներէն:
Հաճոյքով
վեր
կ՚առնէին
նախատինքին
բաժինը,
որ
կը
զարնէր
հարուստներուն
ու
գոհ
էին
իրենց
չքաւոր,
բայց
անհոգ
մռայլութենէն:
Կը
հեգնէին
Նալպանտենց
տան
սահմանադրութիւնը,
հարեմի
անաստուած
կանոնները,
անոնց
խռովայոյզ
անկողինները
ու
կը
թքնէին
Սերոբին
անունին,
որուն
մէջ
իրենց
բերանը
կը
դնէր
էգ
ու
աղտոտ
բան
մը:
Ատկէ
դէպի
Աղուորին
արգանդը
դժուար
չէր
ճամբան:
Ու
կը
բացատրէին
ամէն
ինչ
այդ
անկիւնէն:
Այդքան
մի՜ս:
Այդքան
արի՜ւն:
Այդքան
երիտասարդութի՜ւն:
Ինչպէս
յաճախ,
հոս
ալ,
իրականութիւնը
հեռու
կը
մնար
այս
յերիւրումներէն:
Անոնք
նպաստ
ալ
կը
ճարէին
բանտին
մէջ
յեղուած
շատ
մը
պատմութիւններէ,
բոլորն
ալ
աղցուած
սեռին
երկանաքարովը,
գռեհիկ
ու
կոշտ,
ինչպէս
է
այդ
զրոյցներուն
ճարտարապետութիւնը
սեռային
բախումին
շուրջը,
երբ
արիւնը,
ոճիրը
չեն
միջամտեր:
Գեղեցկութիւն
եւ
արութիւն
կայ
հարկաւ,
երբ,
նոյնիսկ
խրճիթէ
խրճիթ,
երիտասարդ
մը
եւ
կին
մը
իրարու
կը
վազեն
արիւնի
ճամբաներէն:
Ողբերգական
համ
կայ
երգին
մէջ,
որ
շղթաներուն
ներքեւ
կը
ճուայ
մահուան
ծարաւը
ու
կեանքը
կը
չափէ
գիշերուան
մը
արգանդով:
Բայց
ատոնք,
այսինքն`
այդ
դրուագներուն
հերոսները
բանտի
փոխարէն
գերեզման
կ՚իյնան:
Ու
բանտը
աղտոտ
գերեզմանն
է
տկարներուն,
մահէն
վախցողներուն
խրճիթը:
Հոն
է,
որ
կը
կրկնուին,
ահաւոր
միօրինակութեամբ,
տիկինի
եւ
սպասաւորի
շատ
ծանօթ
պատմութիւնները:
Ու
ախոռ
մը,
որ
փաշաներուն
պալատին`
ինչպէս
գեղի
ագարակներուն
մէջ
անկարեւոր
տեղ
մը
չէ,
քանի
որ
իրեն
կրնայ
քաշել
արքենի
հանըմ
մը
եւ
ոջլոտ,
բայց
մեծղի
հովիւ
մը:
Ու
վերնայարկ
մը:
Նրբենի
կինը,
որ
կը
ձգէ
էրկանը
փաշա
ու
պէյ
ծոցը
ու
կը
մտնէ
ծառային
խշտին:
Ասոնք
կը
պատմէ
բանտը
ու
կը
հաւատայ
իր
սուտին:
Ու
աւելի
պարզ,
խեղճ,
ընթացիկ
բաներ,
որոնց
մէջ
կինը
կ՚արձակուի
(կ՚ամուսնալուծուի)
ու
կը
ղրկուի
բոզանոց,
արուն`
զգաստարան:
Բանտը
լեցուն
էր
այս
գիծէ
մարդերով:
Պարապ
ու
սեւ
ժամերու
ձանձրոյթը
քիչ
բան
ընդունակ
էր
մեղմելու
այնքան
լաւ,
որքան
սեռին
այս
ցուցադրումը,
սուզուած,
ճոխացած,
շրջաբերութեան
դրուած,
օտարին
կնիկներէն:
Երբ
ելան
ոտքի,
տաքուկ
թելեր
հոսեցան
մինչեւ
ոտքի
եղունգները
ու
արմատները
մազերուն:
Յստակ
այս
հոսանուտը,
որ
կնիկին
միսովը
ծագում
կ՚առնէ
մեր
շուրջը,
կապ
ունէր
ապահովաբար
պատմումէն,
պատկերացումէն
դուրս
ուրիշ
ալ
զգայութիւններու:
Քանի՛
մօտենանք
բնական
վայրերու,
այնքան
մեր
հոգին
կ՚ընդխառնուի
ընտանի
իրերու
բարեխառնութեան
եւ
անոր
հիմնատարրը
կազմող
էգ
այն
լուսապսակին,
որով
տուն
մը,
երբեմն
գեղ
մը
ողողուած
կը
պահուին
մեր
ներսը:
Յիշեցէք
տարիքը,
ուրկէ
սկսած
ամէն
տուն
ձեզի
համար
կին
մըն
է
ամէնէն
առաջ,
ու
ձեր
փնտռածը`
ձեզի
ա
նծանօթ
ամէն
մարզէ,
միշտ
կինն
է
ամէնէն
առաջ:
Ու
հոգեկան
ընկալչութեան
մէջ,
նկարագիր
կազմելու
չափ
խոր
է
սեռին
այս
հոսումը
հեղումի
մեր
պատկերներու
ֆիլմին
վրայ:
Կը
քալէին,
դաշն
ու
բարի:
Անցան
երկրորդ
ու
երրորդ
աղբիւրները,
առանց
դարատափի,
առանց
ցայտուն
պատմութեան:
Խճուղին
տարտղնած
էր
աղբիւրներուն
հնօրեայ
բնանկարը,
ու
հալածած`
հեքիաթը,
աւանդութիւնները,
հրաշքները,
որոնցմով
այնքան
հարուստ
կ՚ըլլան
գեղը
շրջապատող
դիրքերու
վրայ
ջուրի
բոլոր
ակերը:
Ձորը
կը
լայննար
ու
կը
բարձրանար
ձորակէն
դէպի
վերերը:
Խճուղիին
օղակները
պակսիլ
առին
ու
սարահարթին
առաջին
թափերուն
վրայ,
վարէն,
ձորակին
խորէն
զովութիւնը
կը
քալէր
դէպի
վեր,
պաղելով
անոնց
մերկ
սրունքներուն:
Բարակ
հոտ
մը
մուխի,
քիչ
մը
թրիք,
ճամբուն
վրայ
քրքրուած,
սայլի
մը
անիւներէն,
իբր
կծու
բուրում,
հովին
ափ-ափ
զարկին
հետ
վերէն
տապկոցի
բուրումներ,
հատ-հատ
եկան
ու
անցան:
Դարձողները
իրարմէ
ընդհատներ
ունէին:
Ո՞վ
զգացուց
իրենց,
որ
ա՛լ
դադրած
էին
խմբական
հոգեբանութեան
պատկանելէ:
Թէ
ամէն
մէկը
կը
դառնար
իր
ճղճիմ,
փոքր
անհատականութեան:
Տունէն
առաջ,
անոր
հոգիովը,
ըսել
կ՚ուզեմ`
անոր
հոգովը
նուաճուելու
այս
զգայութիւնը
յատուկ
է
տկարներու,
աղքատներու,
զաւկէ
կոխերու,
հիւանդ
ունեցողներու.
կա՛րճ`
ապրելու
տեղ
տառապանքի
դրուած
կարգին:
Սողոմը,
կինը,
թուրքը
ջնջուած
էին
անոնց
ուղեղէն:
Ու
տան
հեռանկարը
կը
բռնանար
անոնց
հոգիին
աչքին
դէմ,
արճիճէ
պատկերի
մը
նման,
գորշ,
անխախտ,
անվրէպ:
Այսպէս
կը
տեսնենք
մենք
իրերը,
այսինքն`
զմեզ
դնելէ
վերջ:
Ու
անոնք,
որ
երկու
ժամ
առաջ
վազեր
էին
նոյն
սա
տեղերէն,
անոնք
ալ
ուրիշ
բան
դրած
էին
այդ
հեռանկարին
խորը:
Չորրորդ
աղբիւրէն
վեր,
խճուղին
լայնփոր
դարձուածքով
մը
կը
յանգի
գեղին
սարահարթին:
Բանաստեղծ
չէ
գեղացին,
մա՛նաւանդ
գոյներու
դիմաց:
Բայց
կը
կենար,
ամէն
դարձող.
ճամբու
այդ
կէտին,
անգամ
մը
գոնէ,
վասնզի
հոդ
գեղը
կը
բանար
ինքզինքը,
համապատկեր
ու
յստակ:
Յաղթանակ
մը
ինքնին
տուներու
այդ
պսակը,
բլուրներու
ատամին:
Ցերեկուան
մէջ,
արեւմարէն
առաջ,
տեսարանը
կ՚ըլլար
այնքան
նկարչագեղ
ու
խատուտիկ,
որ
մարդ
կը
մոռնար
յոգնութիւնն
ու
հոգը,
մինչեւ
իսկ
պարտքերը
եւ
կը
կենար
սանկ,
առնուած
պատկերին
ո՛չ
թէ
վայելչութենէն,
այլ`
այն
ամբողջ
ճիգէն,
որ
իրը,
իր
պապերունը
եղաւ
այդ
ամէնուն
մէջ:
Հոծ,
մութ
կանանչ
յատակին
վրայ
-
գեղը
խստօրէն
շրջագծուած
էր
անընդմէջ
կանանչութեան
մը
կտաւով
-
իբր
թէ
բանուած
կը
թուէին
տուներու
երկգոյն
շերտերը,
ձեւը
տալով
տարօրինակ
պաստառի
մը,
շեղակի
փռուած
լերան
թափերուն:
Ու
ծուխին
բարակ
շղարշը
կամ
արեւի
մարմաշը
պատկերին
վրայ
կը
փախցնէին
թեւաւոր
քաղցրութիւն
մը,
բոլորովին
անձնական,
որմէ
շինուած
էր
արդէն
դարձողի
ամէն
հոգի,
հանգիստի
այս
մուտքին:
Ու
մարդեր,
նման
հոգերով:
Ու
կեանքին
բիւրազան
կտորները,
խորունկ
ու
ներս
կապերով
իրարու
հիւսուած:
Հիմակուան
պէս,
մութէն
թեւակալուած`
պատկերը
կը
վերածուէր
ցնորային
բանի
մը,
ապրող
ներսէն,
մէջէն,
խորունկէն:
Կեցէք
ամփոփ
համապատկերի
մը
դէմ
ու
հարցուցէք
դուք
ձեզի
-
ո՞րն
է
ատոր
թաքուն
իմաստը:
Պատասխանը
կու
տան
տարիները,
ան
ալ
որքան
ստոյգ:
Բայց
գիտէք
զայն
արագ
ու
խոշոր
գիծերով:
Անծանօթ
գիծերով:
Անծանօթ
չէ
մասամբ
կիրքին
ու
կենսանիւթին
լռին
զարկը,
որով
կը
բաբախեն
բնակուած
լռութիւնները:
Ով
որ
նայած
է
մութէն
խղդուած
տուներու
զանգուածի
մը,
աւելի
յստակ
զգացած
է
այդ
խռովիչ
լռութիւնները:
Երբեմն
վարագոյրները
քաշ
սենեակ
մը
աւելի
կ՚ըսէ,
քան
միւսը,
ուր
պատուհանի
մը
փորուածքին
խաժ,
խակ
դէմք
մը
կ՚ըլլայ
ու
կը
ժպտի:
-Փա՜ռք
քեզ
Աստուած:
Խենթ
ըլլալու
չէր
ան
տղան,
որ
խորհած
էր
Աստուծոյ:
Բացագանչութիւնը
չգտաւ
արձագանգ:
Ամէն
տարիք
իր
նախասիրութիւնները
ունի:
Երկինքին
ուժերը
կանչելու
համար
երկրէն
յուսավրէպ
ըլլալը
պայման
է
յաճախ:
Վերցուած
սեղանի,
թափառիկ
ու
յապաղած
համի
ծուէնները
այցելեցին
անոնց
ռունգերուն:
Հսկայ
ընկուզենիներ
կանգնեցան
երկինքի
շրթունքին
ու
սարահարթը
կեցաւ,
լերան
կուշտին
դրուած
սկուտեղի
մը
նման:
Աղմուկ.
բոցի
բարակ
շերտեր`
ծառերուն
արանքէն,
շինուող,
աւրուող:
Յիշեցին
անոնք
կրակի
հանդէսները,
Տէրընտասը,
հարսնիքները
եւ
բացառիկ
խրախճանքները:
Անդրադարձան
Ուստիանին
զեկոյցին:
Իրենց
դա՜րձը
կը
տօնէին:
Ահա
բոցը:
Անոր
լոյսին
մէջ
թաթխուած
ու
վիրաւոր
կը
գծուէին,
իրենց
լայնքէն,
մէկ
երեսի,
ձեւերը
մարդոց,
ոսկեթուղթ
ու
սուտ,
նստողն
ալ,
կայնուկն
ալ,
քալողն
ալ:
Հեռաւորութիւնը
կու
տայ
աչքի
այս
զգայախաբութիւնները:
Երեսնին
ճամբուն,
կարմիր
ստուերներ`
անոնք
կը
զատուէին
ա՛լ
կրակին
շրջանակէն
ու
քայլ
կը
փորձէին
դէպի
մութը:
Պզտիկներ
ասոնք,
պատկերէ
վերցուած
էակներու
պէս
հրագլուխ
ու
պճլտուն,
որոնք
իրենց
գլու
խները
քիչ
մը
առաջ
երկարելէ
յետոյ,
կը
դառնային
իրենց
կրունկին
վրայ
ու
կը
հալէին
զանգուածին
եփող
կարմրութեանը
մէջ,
քիչ
ետքը
նորէն
զատուելու:
Ու
շատ
էին
անոնք:
Անհամբերնե՜ր:
Անշո՛ւշտ:
§Դարը
փոխուելէն¦
ասդին
(գեղացին
այդ
տարազին
տակ
կը
զետեղէր
Հայկական
փողոտումներուն
յաջորդող
վիճակը)
կեանքին
հարցը
եղեր
էր
այլապէս
բարդ,
անհասելի:
Աղէտը,
առաջ
պղինձ
ամաններու
մէջ
պահ
դրուած,
հիմա
կը
նմանէր
հողէ
սափորներով
պարտկուած
հեղուկի
մը:
Պզտիկ
անզգուշութիւն
մը
բաւ
էր
կոտրելու:
Թուրքին
մէջ
նո՞ր
էր
արիւնի
այս
ծարաւը,
թէ
մարդիկ
մոռցած
էին
մօտիկ
անցեալը:
Շաբաթը
հեղ
մը-երկուք
լեռնէն
գաղթական
թուրքերու
սայլերը
ինկած
ճամբորդի
մը
կամ
գլխատուած
փայտուորի
մը
դիակը
կը
բերէին
ու
կը
նետէին
գեղին
մուտքին,
լերան
երեսէն:
Հիմա,
անոնք`
որ
այս
տողերը
կարդան
պիտի,
ուս
թօթուեն
թերեւս
այս
ոգեկոչումին
առջեւ,
վասնզի
անոնց
շատ
շատին
համար
մղձաւանջը
թողուած
է
լերան
ետին
ու
թուրքերուն
խորհուրդը
մշուշի
կը
նմանի,
երբ
մարդիկ,
դաշտի
հանդարտ
քաղաքներուն
ու
ծովեզրի
ապահով
խորշերուն
մէջ
կեանքը
կարծեն
այնպէս`
ինչպէս
տրուած
է
իրենց
ապրիլ:
Ուրիշ
բան
էր
այն
ատեն
օրը,
որ
կը
բացուէր
ամէն
հայու
գլխին:
Այս
պատմութիւնը
թերեւս
մօտենայ
այս
հոգեբանութեան
քանի
մը
ծալքերուն:
Գեղը
անշուշտ
մահուան
հանդէպ
քաղքենի
նուազումները
չունէր
այն
ատեն
ալ:
Գնդակը,
դանակը,
բիրը
սովորական
իրողութիւններ
էին
ու
լացը
կիներով
ոտքի,
թափօրներու
գեղեցիկ
առիթը
կու
տար:
Թուրքին
հեղումը
այդ
պատկերներու
վրայ`
կը
փոխէր
շատ
բան:
Վասնզի
մահը
ուրիշ
բան
է,
ուրիշ
բան
է
ջարդը:
Անիկա,
ջարդը,
անհունութիւն
մըն
է,
անհունութիւնը
հոգի
տալու
մղձաւանջին:
Բայց
մա՛նաւանդ
դանկըտումն
է,
մահէն
առաջ,
մեր
ամէնէն
նուիրական
զգայութիւններուն:
Պիտի
տաս
հոգիդ,
բայց
քու
մէջէն
պիտի
տաս
հոգին
նաեւ
քու
բոլոր
սիրելիներուդ:
Աւելի`
պիտի
ապրիս,
դանակին
բերնին
տակ,
այն
միւս
անհունութիւնը,
որ
տեւողութեան
մէջ
քու
հոգիիդ
տարրալուծումն
է,
քու
է՛ն
սիրական
զգացումներուդ
գերութիւնը:
Երկու
տարուան
մէջ
գեղը,
գեղերը,
քաղաքները
առած
էին
այս
զգայնութիւնները
իրենցմէ
ներս:
Ու
սանձուած
էին
բազուկները:
Մարդիկ
հետզհետէ
կը
դժուարանային
խաղալու
մահուան
հետ:
Հապա
բա՞նտը:
Թուրքին
բա՞նտը:
Գուցէ
դժոխքը
ըլլար
աւելի
դիւրին
տեղ
մը:
Անհամբե՞ր,
մայրերը
եւ
քոյրերը
դարձողներո
ւն:
Աւելորդ
է
բացատրել
ջանալ:
Երկու
ղարիպի
համար
(գեղացին
այդպէս
կ՚անուանէ
բոլոր
օտարականները)
աշխարհք
մը
մարդ
բանտ
թափող
կատաղութիւնը
արդար
զարհուրանքով
մը
զարկած
էր
սրտերը:
Ու
վազած
էին,
տօն-տաղաւարի
շունչէն
աւելի
վեր
բանով
մը,
իրենց
սիրականները
ընդառաջելու:
Կեանքը
այնքան
ծանր,
դժնդակ
բան
է
արդէն
մարդոց
գլխուն,
նոյնիսկ
առանց
թուրքին
ահին:
Ու
անոր
նուաճած
երկիրներուն
մէջ`
առիթնե՜րը
քիչ,
հաւաքական
զեղումի,
որոնք
կապուած
չըլլան
եղերական
դրուագներու:
Այնպէս
որ,
հակառակ
երակէն
փոքր
պատեհութիւնն
անգամ
կը
շահագո
րծուի
ու
մարդիկ
փոյթն
ունին
իրարու
քով
բերելու
սմսեղ
ժպիտը`
ինչպէս
հակադրօրէն
մօտ
կը
բերեն
խոշոր,
լայն
արցունքները:
Կը
վառէր
մեծ,
փայլուն
կրակը,
կազմելու
համար
յատակը
պատկերին:
Հարսնիքներուն`
կը
դիտուի
այս
առատութիւնը:
Կարելի
է
անցնիլ
արագ
հանդիպման
մանրամ
ասնութիւններէն:
Դարձողները,
տարիքի
բերմունք,
պաղ`
առհասարակ:
Սպասողները,
խենթ
գրեթէ,
իրենց
յուզումէն,
լալու
աստիճան:
Մօր
ու
զաւկի
ջիղերուն
մէջտեղ
այս
հակադրութիւնը
կը
կազմէ
տխուր
հակասութիւններէն
մէկը
մարդերու
սիրտին:
Զայն
պիտի
չզգան
տղաքը,
կեանքի
սանդուխին
առաջին
աչքերուն:
Բայց
այդ
հակասութեան
խարանովը
պիտի
փակեն
իրենց
աչքերը,
սանդուխին
վերջին
աչքերուն,
երբ
իրենց
կեանքին
առկայծեալ
օրերուն,
ամէն
բան
սառոյց
գտնեն
իրենց
շուրջը,
բացի
իրենց
սիրտէն,
վառ
կրակ,
§սառոյցին
տակ¦
իսկ
բաբախուն:
Քոյրերը,
եղբայրները
դարձողներուն,
հիացած
ու
լռիկ,
պաղեր
էին
անոնց
երեսն
ի
վեր,
կարծես
հաստատելու
համար
այդ
կտաւներուն
վրայ
հետքերը
իրենց
լսածներուն,
թուրքին
բանտէն,
-
ծովերուն
յատակը,
եաթաղանը,
խղդող
չուանը
եւ
ինչ
որ
իբր
շուք
կը
սառի,
կը
մնայ
մեր
դէմքին,
վախին
շունչէն:
Ինչե՜ր
դրեր
էին
մտքերնին,
ըսելու
եւ
ընելու:
Յետոյ
էր,
որ
զարմացան,
քանի
բերան
անգամ
չէին
բացած:
Անոնց
անտարբեր
քայլերուն
ետեւէն
սուզուեցան
իրենք
ալ:
Անզգալի
էր,
նոյն
ատեն
տօնական,
մեծ
հասմունքը,
որ
այդ
կարգի
արարողութեանց
յատկանշական
մասը
կը
կազմէր,
-
տեսակ
մը
ուրուաձեւ
քաղաքներու
մէջ
կատարուած
ազգային
թաղումին,
երբ
մէկ-երկու
եպիսկոպոս
ու
խումբով
տէրտէրներ
իր
ժողովուրդին
համար
կէս-կուշտ
կամ
անօթի
մեռած
մարդ
մը
գերեզման
կը
տանին
ու
կ՚ընեն
ատիկա
պայծառ
ու
ձրի:
Իմ
ժամանակս
գեղի
թափօրները,
քահանայով,
տիրացուով,
տաւուլ
ով
ու
զուռնայով
հարսնեւոր
ու
գինով
կը
փոխադրէին
ժամէն
տուն
կամ
հաճիներու
կարաւանը
կ՚ընդառաջէին:
Բռնապետութիւնը
ծովը
նեղցուցած
ըլլալով,
հաճիի
ճամբով
աղմկարար
թափօրները
դադրած
էին:
Լռած`
հրացանները,
որոնք
նման
առիթներու,
եղանակին
չափը
կու
տան
նուագարանին
կամ
տիրացուներու
բերնին:
Բանտէն
դարձող
աղաները
եղած
էին
խոհեմ,
տեղի
չտուած
ցոյցի:
Դաւաճան
քահանային
ներկայութիւնը,
վտանգուած
գիւղապետը,
որ
ղրկուած
էր
Պրուսա,
երկու
կառապաններուն
աքսորուիլը
արգելքներ
էին
ընդունելութիւնը
մեղմելու:
Անշուշտ
զանգակը
պոռաց,
կէսօրուընէ
սկսեալ,
ամէն
խումբի
համար
ալ:
Մութին
մուտքերուն
տակաւին
ողջ
էր
անոր
աւետաւոր
կանչը:
Տեւողութիւնը
հատնելու,
§հալելու¦
զանազան
ձեւեր
ունի:
Դիտուած
է,
որ
այսպէս
խոր
յուզումներու
մաղէն
սառտուածը
(մաղուածը)
կը
զարմացնէ
մեզ
իր
արագութեամբը:
Տարտղնումը
պատրանք
է,
եւ
ձանձրոյթը`
լճացումն
է,
ծանծաղումն
է
մեր
հոգիին:
Մեր
ներսի
բոլոր
անցքերը
բռնող
յուզում
մը
մեզ
կը
գոցէ
դուրսի
շատ
բաներուն
դէմ
ու
մենք
չենք
զգար
տեւողութեան
փսորումը:
Ի՞նչ
է
դուրս
ըսուածը
ի
վերջոյ,
եթէ
ոչ`
տեւողութեան
ծուէններուն
հալածումը,
մեր
ներսին
մեծ
մուրճին
առջեւէն:
Անոնք
ատեն
ալ
չգտան
անդրադառնալու
ժամանակի
կորուստին:
Ե՞րբ
ինկած
էր
աղմուկը:
Ո՞վ
դրաւ
կրակին
ու
հրապարակին
շուրջ
ձեւերը
ցանցառ
ու
հետզհետէ
լուծուող:
Մօտաւոր
տուներէն
ամբոխը
քաշուած
էր
իր
սեղանին,
ծամելու
համար
հացը,
որուն
ամէն
մէկ
փշրանքին
մէջ
երբեմն
այնքան
մարդկային
տարր,
ըսել
կ՚ուզեմ`
ցաւ
ու
քրտինք,
միս
ու
տրտմութիւն
կը
ծուարի:
Կրակը,
կտրուած
իր
բոցէն,
իջաւ
իր
դեղնաւուն
մոյնքին,
հետզհետէ
ուտուելով
բամպակի
պէս
բանէ
մը:
Դուռները
կը
կնքուէին,
հատ-հատ,
ուրախանալ
իսկ
վախնալով:
Մութին
վրայ
փեղկերու
այս
ագուցումը
տուները
կը
վերածէ
երբեմն
փակուող
գերեզմաններու:
Պատերու
փորւածքներէն
իսոտ
լոյսեր`
կարմիրի
եւ
սեւի
մէջտեղ:
Կեանքը
կը
քաշուէր
հրապարակէն
ու
մութին
մէջ
կը
մտնէր,
սրսփուն
ու
խեղճ:
Շուն
մը
երկար
բան
մը
կը
մռլտար,
շեմի
մը
տուած
իր
ցռուկը,
աման-աման,
բայց
ընդհատօրէն,
թափելով
լացի
մօտիկ
յոգնութիւն
ու
կարօտ:
Շէնութիւնը,
հանդիսաւոր
հրապարակը,
մարդերը
եւ
հաճոյքը
կարծես
մէկը
եկաւ-առաւ
ու
տարաւ,
տեղը
թափելով
հայ
գեղին
գիշերը,
որուն
ոչ
ոք
գիտէ
նկարագիրը:
Ոգիները,
թուրքը,
ոստիկանը,
գողը,
բոլորն
ալ,
ինչպէս
հեքիաթին
դդումին
մէջ,
կրնան
կծկտիլ
մութին
մէկ
ծերպին
ու
թափիլ
դուրս:
Հայո¯ւ
գիշեր,
թուրքերու
երկրին
մէջ
երբ
ծանր,
ծխահոտ,
սեւ
ալիւրը
կը
դիզուի,
տեւողութեան
անբաւ
ջաղացէն
եւ
զոր
գրիւ-գրիւ
կը
չափէ
աղբիւրներու
անմահ
բերանը,
իրենց
դագաղի
պէս
մշտաբաց
դուռներուն
մէջէն
հոսելով
դուրս
լաւն
ու
վատը,
չարն
ու
բարին:
Կրակի
ալանկ
էն
երկու-երեք
հարիւր
քայլ
վարօք,
հսկայ
ընկուզենիի
մը
խոռոչին
մէջ
կծիկ
եղած`
կը
սպասէր
Սողոմենց
տիկինը,
ակռաներուն
կափկափը
մեղմելու
համար
լաչակին
պոչը
ծամելով:
Կաշի
ու
ոսկոր:
Տարիքը`
վեր
երսունէն:
Այսինքն`
առանց
սեռի:
Ո՛չ
հարս,
ոչ
ալ
կին:
Վասնզի
կինը
կը
սկսի
մեր
գեղերուն
մէջ
քառսունէ
ետքը:
Բայց
կը
վախնար:
Վախը
կիներուն
մէջ
բնախօսական
երեւոյթ
է
գուցէ,
լեղիին
պէս
բան
մը:
Զայն
հերքելու
համար,
այսինքն`
կիները
մութին
մէջ
մինակնին
քալեցնելու
համար
գերբնական
զօրութիւններ
կը
միջամտեն:
Կախարդ
որակուած
պառաւները,
որոնք
գերեզմանէն
կը
կանչեն
գոռել
ները,
ու
կը
հեծնան
անոնց
վրայ
կամ
կը
բեռցնեն
իրենց
քիւփերը,
քիչ
կը
տեսնուին,
եթէ
երբեք
տեսնուած
ալ
են:
Վաւերական
խելագարները
երբեմն
կ՚արհամարհեն
խաւարը
եւ
կը
մտնեն
անոր
մէջ:
Բայց
գեղացին
անոնց
համար
լոյսն
ու
մութը
մէկ
կերպասէ
կը
ձեւէ:
Անոնց
լեղին
առնուած
է
մենէ
աղէկներէ,
եւ
վախին
կծիկը`
փրցուած
անոնց
ընդերքէն:
Պատահած
են
բացառութիւններ,
առաւելապէս
մայր
կամ
ամուսին,
որոնք
մինակնին
լերան
մէջ
դիտապաստ
իրենց
սիրականներուն
վազած
ըլլան
գիշերանց:
Կամ
սիրահար
աղջիկներ,
որոնք
իրենց
տարփաւորը
վտանգէն
ազատելու
համար
մոռնան
իրենց
փէշին
այլապէս
ահաւոր
վտանգը
ու
սուզուին
ծոցը
մութին
ջուրերուն:
Սողոմենց
տիկի՞նը:
Անիկա
հերոսուհի
մը
չէ
հարկաւ:
Ցաւագա՜ր
մը,
որուն
խոշոր
վիշտը
ծանօթ
չէ
ձեզի
Սողոմին
բանտ
իյնալէն
ասդին:
Անիկա
ակռաներովը
պաշտպանած
է
իր
տղուն
պատիւը,
լուսահոգի
էրկանը
մեռոնով
տղան,
աղջիկի
պէս
խպնոտ
ու
տաքուկ:
Բայց
հաճի
Աննային
պատարագը
ո¯ւր
դնել:
Անիկա
զատուած
էր
կէսօրէն
ետքը,
ալանկը
սպասող
կարաւանէն:
Գացած,
եկած:
Յետոյ`
աներեւոյթ
եղած,
դեռ
մութը
չկոխած,
ջղային
շատ
բուռն
տագնապէ
մը
վերջ,
որ
յուզած
էր
թաղը
ամբողջ,
դուրսէն
դիմաւորներն
ալ
միասին:
Ան
խուզարկած
էր
մեծաւորներու
կառքերը,
մէկիկ-մէկիկ,
ամէնէն
ալ
ուզելով
իր
մանչը:
Կէս-խելագար
իր
թոնը
նեղած
էր
հարուստներուն
աճապարան
քը:
Նախատեր
էին
զինքը,
հրելով
հեռու
կառքին
դռնակէն
ու
հայհոյելով
տղո°ւն
ալ,
էրկա՛ն
ալ:
Այս
արհամարհանքը
դղրդեր
էր
անոր
արդէն
խարխուլ
ջիղերը:
Ան
հանած
էր
լաչակը
գլխէն,
կեցած
կառքի
գիծին
ու
բացած
§օրհնեալ¦
բերանը
այնպէս
ջերմութեամբ,
որ
շունչը
կ՚այրէր
մօտէն
ա
նցնողները:
Ու
յորդ
ու
սրտառուչ
էր
այդ
այրի
յուզումը,
փոխն
ի
փոխ
անէծք
ու
պաղատանք,
զայրոյթ
եւ
անկարութիւն,
Յիսուս
ու
սադայէլ,
երկինք
ու
դժոխք,
-
բոլորը
մուրատատուր
Աստուծոյ
մը
§կապոյտ¦
սիրտին
յանձնուած:
Անէ՛ծքը`
պաշտօնական,
սարսռազդեցիկ,
քիչ
մը
աւելի
մաշած
բերանէ
-
ինչպէս
վարժուած
ենք
լսել
փողոցները
-,
կը
վայլէր
սակայն
անոր
սեւ
մազերուն
ու
տարօրէն
կենդանի
աչքերուն:
Բայց
նոյն
ատեն
անյատակ,
անդարման
կսկիծ:
Ու
նոյն
գիծէ`
լրբութիւն,
անկարող
խեղճութիւն`
գիտակցուած
ու
կորակոր,
որբեւայրին,
որ
աղքատէն
ալ
ծանր
կը
ճնշէ
միջին
խղճմտանքներու,
մա՛նաւանդ`
երբ
հիւանդութիւն
մը
կամ
կանխահաս
սպառում
մը
կը
վանեն
անկէ
էգ
տարրը
ու
մէջտեղ
կը
դնեն
մայրը,
տուն
մը
զաւակներով,
երեսի
վրայ
բոլորն
ալ
ու
տարիներով
փողոցին
մէջ
պտըտող
կնի՛քը
ճակատնուն:
Ու
ահաւոր
են
անոնք,
երբ
կը
սպառնան:
Սողոմենց
տիկինը,
իր
ջիղերուն
հրովարտակովը
դուրս
էր
հասարակաց
օրէնքներէն:
Ան
իրար
խառնեց,
չորս
ճամբու
բերան,
հարուստն
ու
ակռայովները,
հարսներուն
պոռնիկ
արգանդները
եւ
կիներուն
անաստուած
ուղեղները,
աղաները
իրենց
փորերուն,
փարթերուն
դաւովն
ու
աղբովը,
իրենց
հաշիւներուն
ստորնութեամբը
եւ
անգթութեամբը,
-
ի՛նչ
որ
իբր
բարոյական
ըմբռնում,
հաստ
ու
շօշափելի
ու
տեղաւորուող`
կ՚իյնայ
գեղացի
կնոջ
մը
հասողութեան,
ամէնը
դուրս
էր
տուած
անիկա
ու
բառերուն
ամօթը`
ինչպէս
անոնցմով
թափուածին
գարշութիւնը
կը
շոգիանային
բերանին
հզօր
հուրքէն:
Ու
կը
տարածուէին,
թեթեւցած
ու
արի,
դէպի
լարուած
կտաւները
մարդոց
խղճմտանքներուն:
Ու
բառերուն
հեղեղէն
կ՚անջատուէին
պատկերները,
վիճակ,
պատմութիւն,
դրուագ,
գայթակղութիւն
ու
զրկանք,
ոսկեջրուած
կամ
որդնոտ,
կամար
կապելու
հասարակաց
խղճմտանքին
դէպի
կատարները,
կամ
գարշ
կրակոյտի
մը
չեռացող
սողոսկումով
մը
սարսելու
մարդոց
պայծառ
այլուրութիւնը,
ուրիշին
ցաւին
դէմ
մեր
մուշտակուած
ինքնամփոփումը:
-
Ու
ինչ
որ
գեղին
խուլ
խղճմտանքը
կ՚ընդզգայ,
բայց
չի
բանաձեւեր,
կը
տեսնէ,
բայց
չի
պարզեր
դէպի
դուրս,
այս
կարգի
անձերու
վրայով
-
երբեմն
ալ
առնուածներ,
կէս-խենթութենէն
անդին
սահածներ
կը
կատարեն
այդ
դերը
աւելի
ապենթակայ
պատիժին
կամ
վախին
-
տարազի
կը
մտնէ
եւ
իրականութիւն
կը
դառնայ,
սեփական
ու
անջնջելի,
կոտրած
փարչի
մը
նման
դիմանալով
դիմազերծներուն
փառքին
դիմաց:
Գայթակղութենէն
մա՛նաւանդ
չոր
նկատումները,
վախը,
սանկ
ու
նանկ
հաշիւները
թխմուած
կը
պահեն
հարուստ
տիկիններու
հաստկեկ
մէջքին
կամ
աղաներու
մետաքսաւէտ
քսակներուն
խորը,
ասոնց
ձեռքովն
է,
որ
կը
զերծուի
ու
կը
թափուի
հասարակաց
վայելումին:
Ու
անոնք
են
նորէն,
որ
կը
պոռան,
կը
շեփորեն
զրկանքը
քառուղիներու
բերանին,
խենթութեան
կամ
ապուշութեան
լուսապսակի
մը
ընդմէջէն,
ճօճելով
իրենց
ցաւագար
անձերուն
խեղճուկ
սիւները,
վախէն
վեր
ու
հաշիւէն
վար,
իրենց
արդէն
քայքայուած
մարմինը
անխնայ
նետելով
դէպի
ուժովներուն
աքացիները,
զանոնք
բամպակ
իրենց
ոսկորներովը
խորտակելու
մարմաջով:
Ու
կը
բարձրացնեն
իրենց
մէջքը,
ուր
ոսկորի
օղակ
մը
չկայ
միւսին
կառչած,
լիրբ
ու
գրգռիչ,
փորձանք
հանելու
յայտնի
ախորժակով:
Ու
կէս-խելագարն
է,
որ
կը
վաւերացնէ
փսփսուած,
բայց
չըսուած
պատմութիւններ
գողութեան
ու
բոզութեան,
մա՛նաւանդ
ազգապղծութեան
մեծ
կոյանոցէն,
պարպելով
ամճաներուն
մեղքին
տիկերը
փողոցին
երեսին,
երբ
ատոնք
իրենց
աղբրտանցը
որբերը
կը
խնամակալեն,
բայց
փտած
ձիթապտուղները
իրենց
կատոզներուն
կը
փոխեն
որբին
մաքուրովը
եւ
կամ
երբ
իր
աղբօրը
այրին,
գեղանի
կամ
խաղցուկ,
ներս
կ՚առնեն
իրենց
տունէն
ու
անկողինէն:
Որչափ
ալ
ընդարձակ
ըլլան
մեղքերուն
արձանագրումին
յատկացուած
թուղթերը,
անոնք
հատնին
պիտի
եւ
տակաւին
դուրս
պիտի
մնան
անհամար
դէզերէն
մարդոց
մեղքերուն:
Ըսեր
էր
շատ
բան
սիրտէն
այրած
կինը
մեծերու
երեսին
կամ
հասցէին,
ու
թռած`
դիրք
բռնելու,
նոյն
կեցուածքով:
Նալպանտենց
տունին
դէմ,
կարկուտի
պէս
թափեց
անիկա
անէծքը
Սերոբէ
աղային
տունն
ի
վեր,
անընդմէջ,
անսպառ
պերճութեամբ,
ամէն
մէկ
անէծք
հագուեցուցած
անհուն
կենդանութեամբը
իր
ցաւին
ու
կիրքին,
ընելով
բառը
պարտէզէն
փրցուած
ծաղկի
պէս
շաղոտ
ու
փափկութեան
մէջ
երկաթ,
վերաքաղելով
դիւանը
այդ
անիծապարտ,
ամէն
ատոնք
հինգ
տարին
հեղ
մը
Աստուծմէ
պատժուած
սամարացի,
գնչու,
քիթին
քաքը
ուտող
ընտանիքին,
յորդ,
կարծր,
զգետնող
բարբառով,
կիրքէն
ու
կսկիծէն
կրկնապէս
գունաւոր,
ու
ատելութեան
հզօր
սլաքէն
փուշ-փուշ
քստմնաւոր,
ա՛յնքան`
որ
զարմանք
կ՚ազդէր
լեզուի
այս
հարստութիւնը
մինչեւ
էրկանը
մահը
ձայնովը
արեւի
չինկած
այս
կնոջ
բերանէն:
Հիւանդութիւնը
կ՚ընէ
այս
գիծէ
շրջումներ,
լեզուագարութիւնը
հանդէս
մըն
է,
ձրի
եւ
գեղեցիկ,
դերակատարներուն
եւ
բեմին
վայելչութեամբը,
դիրքովը
պայմանաւոր:
Անոր
թոյնէն
անմասն
հանդիսականները
թեթեւ,
բայց
ներսէն
շատ,
խորունկ
ժպիտով
մը
կը
հետեւին
երկու
կողմի
պարզումներուն,
մերկացումներուն:
Որքան
ատեն,
որ
կռիւը
կը
վարուի
բառերով,
աւելորդ
է
միջամտութիւնը:
Համով-հոտով
օրը
կը
զարգանայ
դռնառաջներուն
ու
դէպքերը
պատուհանէ
պատուհան
կը
քալեն
դէպի
գեղին
բոլոր
տուները:
Ժամ
մը
այս
տեսակ
ճակատամարտ`
գիրքի
մը
չափ
բան
կը
պատմէ
փողոցին
ու
հարիւրներով
դիմակներ
կը
թրջին,
իրենց
մետաքսին
մէջ,
պաղելով
ու
խաշած
կեղեւի
պէս
գետին
թափելով:
Ինչ
որ
հաճելի
ու
յանկուցիչ
կ՚ընէր
Սողոմենց
տիկինին
լեզուա
գարութիւնը,
հաստ
ու
իրապաշտ
շունչն
էր
սեռին:
Այնքան
ամօթխած
գեղի
հարսնուկը,
կռուին
արձակութեանը
մէջ,
կը
դառնայ
ամէնէն
ապերասան,
լիրբ
պառաւին
չափ
աղտոտ,
իր
բառերէն,
որոնք
ջուրի
պէս
կը
հոլովեն
անասելի
բաներ:
Սողոմին
մայրը
ըրեր
էր
յարձակումը
Նալպանտենց
տունին
վրայ
թանձր
փաղանգովը
սեռական
պատկերներու,
-
ամուլ
արգանդ,
անսերմ
առնի,
սառած,
թերմաշ
ու
դեռ
բերան
չառնուելիք
բացատրութիւններ,
որոնք
կը
բուսնէին
հայհոյութեանց
տարափին
մէջէն,
պաղպաջուն
ու
հեղինակաւոր,
փոխադրելով
գէջ
ու
հեշտ
սարսուռ
մը
ունկնդիրներուն
թաքուն
զգայարանքները
դէպի:
Ոչ
ոք
մտքէն
անցուց,
մեղմով
կամ
սպառնալիքով,
ընդմիջել
այս
պոռթկումը:
Խենթերը,
ցաւագարները
կը
պաշտպանուին
իրենց
ախտովը:
Անիկա
ոռնաց,
շուներէն
ալ
խոր,
հերարձակ,
երկու
թաթերը
ծունկերուն
կամարած,
իր
հիւանդութեան
դասական
ճիչերը
տուաւ
արնախառն
փ
րփուր
ակռաներէն,
թօթուեց
ինքզինքը
գլխատուած
հաւու
նման,
ինկաւ
գետին,
քնացաւ,
լացաւ,
արթնցաւ
-
ոչ
ոք
կը
մօտենար
ախտին
այս
զերծումին
պահուն
-,
վերադառնալու
համար
իր
հիմնական
մատալլկումին:
Ան
իր
զաւակը
կ՚ուզէր
Նալպանտենց
հաճի
Աննայէն:
Ու
կ՚ուզէր
իրաւ,
մօր
ուժգն
ութեամբը:
Այս
կարգի
նոպաներու
ընթացքին,
սուտին
չափազանցուածին
կամ
լռուածին
ընդմէջէն,
հոգեկան
իրողութիւնը
-
ըսել
կ՚ուզեմ`
տագնապը
զինաւորող
խորագոյն
թաթը
-
ինքզինքը
կը
յայտնաբերէ
աս
ու
ան
ձեւով:
Ուրկէ՞
ուժ,
համարձակութիւն
կ՚առնէր
Սողոմենց
տիկինը
այսպէս
ծանր
անալու
համար
հաճի
Աննային
պուկին:
Ինչո±ւ
§ձեռաց
դրած¦ի
պէս
գիտնալ
կը
կարծէր
անսերմ
Սերոբին
մատը
իր
տղուն
փորձանքին
մէջ:
Անիկա
պոռացեր
էր
իր
ճշմարտութիւնը
ամէն
օր,
իր
տղան
ատանկ
խառնակ
բաներու
մէջ
անմասն
յայտարարելով:
Հիմա,
անմեղ
մեղաւոր`
անգամ
մըն
ալ
կանչո
ւեցան
խայտառակութեան
հանդէսին,
զոր
կը
կազմէր
ցուցակագրութիւնը
Սերոբին
պատանութեան,
երիտասարդութեան
մեղքերուն:
Ու
անիկա
շարաւի
մէջ
թաթխուած
պատմուճանի
մը
նման
փռեց
անոր
ընդոծին
մեղքը
փողոցներու
երեսին:
Կնոջ
մը
բերնէն,
փառաւոր,
վտանգաւոր
աղայի
մը
գոց
պատուհա
ններն
ի
վեր
այս
պիղծ
անարգանքը
զովացուց
բոլոր
ունկնդիրները:
Յետոյ,
այսպէս
անգամ
մը
ելած
իր
ուրդէն,
կիրքին
հոսանքը
ըրաւ
անոր
լեզուն
այլապէս
անդիմադարձ:
Լուաց
անիկա,
անպատկառ
ու
գեղեցիկ,
ձեռքով
ու
ոտքով
ուժաւորելով
իր
բառերը,
հազուադէպ
շքեղութեամբ
մը
արտաբերելով
պատկերները,
Նալպանտենց
սուրբ,
սուրբ
հարսը,
թաղեցիներուն
սիրական,
բոլորին
հետ
§հուրուջուր¦,
բայց
արգանդէն
ձողտուելիք,
Աղուորը,
զոր
պառկեցուց
ոստիկաններուն,
հարիւրապետին
տակը,
կատղած
ու
անյագուրդ,
ա՛յնքան`
որ
լսողները
խշխշացին
հոգեկան
ցաւով:
Թէեւ
անգթութիւնը
օրէնքն
է
մարդերու
սիրտին,
բայց
կու
գայ
պահ
մը,
երբ
մենք
կը
նեղուինք
մեր
ներսին
չորութենէն:
Յետոյ`
պէտք
է
զատել
գեղը
քաղաքէն:
Հոն
կեանքը
հասարակաց
երեւոյթ
է,
տեսակ
մը
գորշ
կտաւ,
փռուած
ամէնուն
ալ
ծունկերուն:
Զայն
պիտի
բանի
ամէն
մարդու
որդի,
ադամորդի,
իր
իսկ
օրերուն
թելովը
եւ
կիրքին
ասեղովը:
Գեղին
մէջ,
այս
կտաւը
գրեթէ
կը
գործուի
փողոցներուն
երեսին,
ու
մարդիկ
իրենց
արիւնով
ներկուած
թելը
հիւսած
ատեննին
մօտ
են
եւ
նման
իրարու:
Հարս
ու
աղջկան
տէր
էին
բոլոր
հոդ
մտիկ
ընողները
եւ
դիւրութեամբ
կը
փոխանակէին
իրենց
սիրելիները
իրարու
օրհնութեան
կամ
անէծքին:
Ու
անկեղծ
էին,
երբ
իրենց
սիրտէն
կ՚աղաչէին
գաղտնիքներու
Տէրը,
շատ
չտեսնել
§ցաւած
սիրտ¦ի,
որբեւայրի
այս
վայբերանութիւնները,
ու
քաղցրութեամբ
§հայիլ¦
մարդոց
ամբարիշտ
բերաններուն,
անոնցմէ
հոսող
աղբին
թոյնին:
Ցեխէն
աւելի
աղտոտ
այս
բառերուն
մէջ
թաթխուած:
Նալպանտենց
հարսը
արժանի
էր
արգահատանքի,
յղութեան
շուրջը
ստեղծուած
բազմադրուագ
առասպելէն
ալ
անդին:
Թեթեւցան
դրացիները,
երբ
Սողոմենց
կնիկը
ձգեց
օձիքը
հարսին,
ճանկռտելու
համար
փառքն
ու
կառոյցը
Նալպանտենց
տունին:
Բախտաւորին,
հարուստին
վրայ
ամէն
յարձակում,
որքան
ալ
անիրաւ`
զովացուցիչ
ազդեցութիւն
ունի
միջին
մարդոց
բանակին
մէջ:
Զրկուածներու
կարգը
ատոր
մէջ
կը
գտնէ
տարտամ
սփոփանք,
եւ
համբերութիւն`
չոր
հացին
դառնալու:
Կը
թաղեն
հարուստը
-
ամէնէն
կսկծալի
տարիքն
իսկ
զինաթափ
չ՚ըներ
այս
նախանձը
-
հեշտութեամբ
ու
բարի,
հողին
դասովը
մէկ-երկու
ժամ
խաղաղած
ու
լուրջ:
Ու
անցաւ
առաջ
Սողոմենց
տիկինը,
քան
պայմանեալ
սահմանը
փողոցի
կռիւին:
§Իժերու
ծնունդ¦,
§շան
կաթ
ծծած¦,
§եօթը
պորտով,
հունտո՛վ
ալ
պոռնիկ¦
այս
ընտանիքին
հետախաղաղ
կորուստը
կը
սպառնար
անիկա
սուրով
ու
տապարով,
կրակով
ու
արիւնով:
Ու
այս
ամէնը
վճռական
ու
առաջին
դէմքով,
ինչպէս
չուշացան
դիտելէ:
Անէծքի
տարազներուն
թէականը
կը
պակսէր
այս
դիմառնութեան
մէջ,
ինչպէս
սովորաբար
մարդերու
խեղճ
բաղձանքները
կը
յանձնուէին
Ամենակալին
քաղցր,
արդար
նկատառումին:
Դուրս
թափուածը
հաստատական,
ուղղակի,
անվրէպ
ձեւն
էր
ոչ
մէկ
խնդրանքով
պայմանաւոր:
Ու
դիտեցին
կրկին,
որ
անէծքներուն
տարտամը,
տեւողութեան
մէջ
երկարաձգումը
կը
պակսէր
անոր:
Ընդհակառակն,
ամէն
ինչ
կը
քալէր
ժամանակի
ապշեցուցիչ
մօտութեամբ
մը,
սանկ
արդէն
ոտքի,
սեմին
սպասող:
Ո՞վ
կու
տար
այս
ապահովութիւնը
գալիքէն:
Այս
ուժգին
ու
հաւատաւոր
շեշտով
Սողոմենց
կնիկը
տապալեց
գետին
գեղեցիկ
տունը,
հնօրեայ
օճախը
Նալպանտենց
Սերոբ
աղային,
քարը
չձգելով
քարի
վրայ:
Անոր
համբաւով
կալուածները,
§կնիկի
պէս
սիրուած¦
պարտէզները,
շառուկնոց
այգին,
որուն
գինին
արիւնի
պէս
սիրտ
կ՚առնէր,
ու
հայրապետական
ձիթաստանները
տարտղնեց
չորս
հովերուն,
անօթի
Իսրայէլին
պռկըներուն
քսելէ
եւ
թռցնելէ
յետոյ
հազար
օտարին
սեփականութեան:
Տարօրինակ
էր
իր
հեղինակութիւնը
այս
տեղումին
մէջ:
Ըսես
աղէտը
ըլլար
անոր
տանը
ծառան,
հնազանդ
ու
պատրաստ
հետեւելու
անոր
ցուցամատին:
Ըսես
արդէն
ափ
ըլլար
առած
աղխերը
Նալպանտենց
պորտային:
Ու
զարմանալին
հոն
էր,
որ
այդ
բառերը
մարդոց
հոգիներուն
վրայ
գայլախաղի
բերնով
քսուածի
պէս
գծաւորուէին,
ու
մարդիկ
իրապէս
տրամադիր
զգային
զիրենք
հաւատալու
անոր:
Աղէտին,
որ
կերպով
մը
պիտի
կրկնէր
հեռաւոր,
բայց
անմոռանալի
հրկիզումը
հաճի
Արթինին
պալատին,
հետախաղաղ
սրբերու
համար
արիւնն
ու
անունը
Աստըծոյ
առջեւ
§մեղաւոր
գտնուած¦,
§պոռնկացած¦
այս
գերդաստանին:
Կոչնակին
երկար,
հարուստ
մէկ
ողբը
անկարող
եղաւ
Սողոմենց
տիկինը
ետ
բերելու
գուշակի
իր
եռանդէն
եւ
յիշեցնելու
իրեն
մարդը
գոնէ,
որուն
դրամն
ու
կամքը
տնկած
էին
այս
ժամը
ու
անոր
մեծ
լեզուն,
զանգատունը:
Ու
երկարուն,
ողբակոծ,
խորապէս
մահաստուեր
այդ
նուագին
մէջը
զանգակին
-
մենք
կը
լսենք
մեր
ուզածին
պէս:
Սողոմենց
կինը
մոռցած
էր
զաւակը,
դարձողները,
կը
տեսնէր
դագաղը,
տունը
տարուած
սադայէլներու
ուսին
վրայ
շիտակ
դէպի
դժոխք
-,
անիկա
կատաղութեան
գերագոյն
լորձնումով
մը
զլացաւ
§լուս
գերեզմանը¦
Նալպանտենց
դիակներուն,
պիւրիւմ-պիւրիւմ
ծխացնելով
անոնց
միսերը`
ինչպէս
փառքը
Աստըծոյ
§կրակին¦
մէջ:
Հետզհետէ
կ՚ամրանար
անոր
շեշտը,
կը
խորանար
անոր
հագագը,
աներեւոյթ
բանէ
մը
ճարելով
զարհուրագին
լիութիւն
մը,
որով
կը
զատուի
սրտանցը,
իրաւը
բերնի
թափուքէն:
Լուսնոտ,
§երկինքէն
տեսնող¦
կիներուն
մօտ
մարդիկ
կ՚ընդունին
տեսակ
մը
ցաւագին
իմաստութիւն,
որ
լեզու
կ՚ելլէ
երբեմն
ու
կը
կանխէ
հսկայ
փորձանքները:
Հաճի
Արթինին
պալատը
կրակ
էր
առած,
գեղին
շունի
մը
երկու
ժամ
ոռնալէն
ետքը:
Շունը
գացած
էր
եւ
ոչ
ոք
գիտէր,
այն
ատեն
տէրը
գեղին
կենդանիին:
Գեղին
մեծ
բռնաւորներէն
Սափրիչ
Թորոսը
դուռին
տակէն
աքացիով
վռնտեր
էր
մուրացկան
մը,
որ
շրթունքները
շարժեր
ու
անհետ
էր
եղեր:
Ժամ
մը
վերջը
կը
սատկէր
ոսկիներուն
դեղինը
մարմինին
վրայ
պատմուճանի
պէս
հագած,
իր
ուժին
ու
փառքին
լիութեանը
մէջ
հսկայ
բռնակալը,
դեղնախտի
շանթահարիչ
հարուածով
մը:
Ու
մարդիկ
կը
յիշեն
ուրիշ
նման
աղէտներ,
երբ
կիներուն
լեզուն
բաց
է
չար
օրուան
մը
չար
մէկ
ժամուն:
Անէծքին,
հեղեղուած
գայթակղութեան
հետեւող
խռովքը
կ՚աճի
այդ
նկատումներէն,
վերյիշումներէն
ազդուելով:
Կը
պատահի
ալ,
որ
իբր
կատակերգութիւն
սկիզբ
ըրած
փողոցային
կռիւ
մը
արիւնոտի
եղերական
վերջաբանով
մը,
յաճախ
ոճիր,
վերահաս
կործանում,
կրակ
ու
մահտարաժամ:
Անոր
համար
էր,
որ
թողուցին`
թափէ
սիրտինը:
Ու
զայրագնած,
մազերը
օձի
փունջի
պէս
խռիւ-խռիւ
-
անէծքի
ատեն
սովորութիւն
է
լաչակը
քաշել
մազերէն,
ձգել
մէկ
ուսին
-,
աչքերը
արիւնէն
կալուած
ու
նայւածքէն
պարապ`
անիկա
չդիմացաւ
իր
իսկ
կի
րքին
սաստկութեան
ու
ինկաւ
գետին:
Սարսուռ
մը
անցաւ
տանիքէ
տանիք:
Բայց
ոչ
ոք
երերաց
տեղէն:
Կարծես
կը
շարունակուէր
տեղալ
կրակին
անձրեւը:
Տերեւ
չէր
շարժած
Նալպանտենց
տունէն:
Ոչ
մէկ
գլուխ:
Ոչ
մէկ
շշուկ,
բացի
կատուին
երկարաձիգ
մէկ
նուոցէն,
իբր
արձագանգ
ճամբան
առած
անէծքներուն:
Փակ
վարագոյրները
լսեցին
անէծքը
ու
ճօճք
անգամ
չտուին:
Ո՞ւր
էր
Սերոբէ
էֆէնտին:
Ո՞ւր`
փեսաները,
որոնք
որսի
հոտ
առնող
շուներու
նման
մէկիկ-մէկիկ
սովոր
էին
բուսնելու,
երբ
գեղամէջին,
Սերոբին
ձայնը
բարձրանար
քիչ
մը
իր
հունէն
ու
աղայի
վայել
հաստութիւն
ստանար,
սանկ
ու
նանկ
կռիւներու
ընթացքին:
Դեղնած,
մատները
ափին
մէջ
կորակոր
մխուած,
արիւնելու
աստիճան
կաշին,
ոտքերը
ուղտի
կռնակ`
միսի
կծիկ
մըն
էր
Սողոմենց
տիկինը,
զոր
ուղղութենէ
զուրկ
սարսուռներ
կը
ցնցէին
անընդհատ,
մարմինը
զգալիօրէն
ծռմռելով
ու
երեսին
դնդ
երները
ոլոր-մոլոր,
ասդին-անդին
քաշելով:
Արիւնի
թելիկ
մը,
կախ`
շրթներուն
մէկ
անկիւնէն,
կը
սողոսկէր
ծնօտն
ի
վար,
գտնելով
վիզին
փորուածքը
ու
կորսուելով
կուրծքն
ի
վար:
Մէկէն
երկամեայ
մանուկ
մը,
երես-փուչք
մօտեցաւ
անոր
ու
գողտր,
ճեփ-ճերմակ
իր
թաթիկը
պարզեց
անոր
երեսին,
տարօրէն
քնքուշ
ծաղիկի
մը
նման:
Այն
ատեն
մարդիկ
տեսան
երկու
դէմքերը
կարծես
փայլակի
մը
մէջէն:
Ու
մէկուն
անհուն,
անկնճիռ
խաղաղութիւնը
ու
միւսին
տանջահար,
կարծես
վիշտի
բիւր
սլաքներէն
առիջուած,
բզիկ-բզիկ,
բայց
իմաստայեղց
կտաւը
-
մօր
երեսը
ցաւի
ատեն
նմանը
չունի
իբր
տրտմութիւն,
բեկումի
պաստառ
-
կարճ
խորհուրդի
մը
մէջ,
միշտ
այսպէս,
եթէ
ոչ
քով
քովի,
գոնէ
դէմ
դէմի,
նոյն
տանիքին
տակ
արձանանար
պիտի:
Բոլոր
լացողները
կը
նկատուին
դժբախտ:
Լացնողնե՞րը…:
Երկրորդ
անգամ
ըլլալով
ազգական
մը
արթնցուց
նուաղած
կինը:
Թոյլ,
կարծես
խմոր
էին
եղած
անոր
ոսկորները:
Յօդակապերուն
տեղը
խաշած,
փտած
միսի
զգայութիւն
մը
պահ
մը
վախցուց
զինքը
եւ
արգիլեց
ոտքէ:
Աչքերը
իջած
էին
հուրքէն,
բայց
դէմքին
վրայ
դիզուած
կը
զգար
եօթը
տարուան
բեկում
ու
թշռուառութիւն:
Բարակ
ցաւ
մը
ոսկորները
կ՚ընէր
կոտտուն
ու
պարապ:
Նեղ
ու
դողով
էին
քայլերը,
որոնք
կը
կենային
առաջանալու
տեղ:
Կին
մը
մտաւ
թեւը,
կաթուածահար
մը
տանողի
զգուշութեամբ:
Ելան
դուրս
աղմկուած
ու
չարաշուք
փողոցէն:
Անոնց
ետեւէն
կ՚երկննար
մարդոց
հետաքրքիր
արգահատանքը,
մայրերուն
սիրտը
եւ
հարսներուն
անպատում
խռովքը:
Գեղը
կ՚եռար
քիչ
անդին:
Խոշոր,
սրտագին
զուարթութիւն
մը
կ՚աճէր
թաղէ
թաղ,
կը
լեցնէր
տունէ
տուն
նեղկուկ
փորուածքները
եւ
կը
յորդէր
դէպի
տանիք:
Դպրոցէն
արձակուրդ
առած
տղաքը
կը
պոռպռային
ու
քարեր
կը
զարնէին
քարերու,
-
խորունկ
զեղումը
մանկունակ
այդ
ձեւով
կը
տրուի
դուրս:
Բանտ
էր
սակայն
Սողոմենց
տունը`
իր
զաւակը
սպասող
մօրը
գլխուն:
Ան
ականջ
չկախելով
պզտիկներուն
լացին
-
հիւանդ
տունին
մէջ
տղաքը
ինքնաբերաբար
կ՚ըլլան
լալկան
ու
դժգոհ
-,
նետուեցաւ
դուրս
նորէն:
Բառ
չէր
փոխանակած
զաւկըներուն
հետ:
Ու
չէր
տեսած
դրացիները,
որոնք
կը
սպասէին
բակին
մէջ:
Չէին
կրնար
հակառակիլ
անոր
որոշումներուն.
նման
փորձ
մը
միշտ
կը
յանգէր
դասական
նոպային:
Ձգեցին
իր
գլխուն:
Անցաւ
կրակին
մօտէն`
իբր
թէ
ճանճեր
ըլլային
մարդերը,
այսինքն
անարժան`
խօսքի
կամ
նայուածքի:
Չունեցաւ
աչք
բոցը
շրջապատողներուն,
վրայէն
ցատկողներուն,
իրեն
պէս
զաւկի
սպասողներուն:
Ու
գտաւ
ինքզինքը
դուրս
գեղի
բնակելի
մասերէն:
Խճուղին,
որ
ընկուզենիներու
քաղցր
պարոյր
մը
կ՚ըլլայ
հոդ,
գեղին
նախավայելքը
պատմող:
Մտաւ
անիկա
խոռոչի
մը
մէջ,
որ
երկճղեան
արմատի
մը
վրայ
հսկայ
բուն
մըն
էր
ծառի:
-
Տեսակ
մը
դագա՜ղ,
ոտքի`
փոխանակ
միւսին
նման
երկարելու:
Այդ
տխուր
ծակին
մէջ
կծկտեցաւ
անիկա,
ձեռները
ծնօտին,
յոգնած`
անհուն
իր
անձուկէն,
ըրած
չարիքէն
ու
կործանած
իր
յոյսէն:
Ունինք
վայրկեաններ,
երբ
դժբախտութիւնը
շատ
խիտ,
շատ
մօտ
կը
գտնենք
ու
չենք
հաւատար
անոր
ալ,
ամէն
բանի
պէս,
անցաւոր
ըլլալուն:
Սողոմենց
կնիկը
իր
տղան
թաղած
ատենը
ուրիշ
յուզում
պիտի
չունենար,
քան
սա
խաւարակոծ
յուսահատութիւնը
չդարձող
իր
զաւկէն:
Չայցելեցին
անոր
իրեն
պէս
սպասող
մայրերու
խօսքերն
ու
պատկերը:
Նալպանտենց
Սերոբին
ահը,
անգիտակից
խորքերէ,
իրեն
կը
թելադրէր
այս
քայքայումը:
Լալու
անկարող,
անէծքէն
ու
կեանքէն,
ցաւէն
ու
յոյսէն
իսկ
յափրացած
նման
մէկու
մը,
որ
ծեծուած
ըլլար
մահու
չափ,
բայց
հրաշքով
մը
չմեռած,
անիկա
սպասեց:
Ուշ
ատեն
երիտասարդներու
խումբը
հանեց
զայն
իր
խոռոչէն,
սրտաճմլիկ
պատատումէ
մը
ետքը:
Մայրը
չէր
կրնար
հաւատալ
սա
տղոց,
որոնք
երդումը
երդումին
կապեցին
Սողոմին
ուրիշ
ճամբով,
արդէն
տուն
հասած
ըլլալուն:
Անիկա
մէկը
չուզեց
իրեն
հետ:
Հակառակ
անհուն
սպառումին,
թերահաւատ`
բայց
ուրիշ
բանի
անկարող,
անցաւ
մոխիր
կապած
խարոյկին
մօտէն
ու
սուզ
ուեցաւ
մեծ
փողոց:
Բաց
դուռներ:
Խօսք
ու
գովք:
Երգ
ու
կերակուրի
հոտեր:
Գեղը
կը
մտնէր
գիշերին
մէջ: