Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Այդ օրը, մութէն քիչ առաջ, պահակ Ուստիանը, իր բլրադիր հովանոցէն գեղ էր կանչուած, շատ ստիպողաբար, Նալպանտենց տունը:

Ձերբակալութիւններէն ետքը, կասկածի տակ ինկած գիւղապետին տեղ Սերոբէ էֆէնտին ստանձնած էր փոխանորդութիւնը գեղին գործերուն: Կառավարութիւնը զայն կը շրջապատէր յատուկ յարգանքով եւ հարիւրապետը չէր մոռնար զայն մեծարել Մեծերու սրճարանին մէջ կամ տունը, «բարեհաճելով» ուտել Նալպանտենց սեղանէն: Սեւ օրեր էին: Ու մարդիկ, առանց հեգնութեան, կը տարուէին դիտելու սա մօտիկութիւնը: Վտանգի ատեն ամէնէն շուտ լռողը մարդոց մէջ ոչ թէ խղճմտանքն է, այլ` անոր գոյնը ունեցող կեղծ զգայութիւններու փարթամ բուսականութիւնը, զոր կը կոչենք սա ու նա վերադիրներով: - Այսպէս` քաջութիւն, արժանապատուութիւն, խօսքին վրայ կենալու աննահանջ յամառութիւն: Նալպանտենց Սերոբէ էֆէնտին, առանց պետական իր գործունէութեան մասին գեղին բան մը զգալի ընելու, եկած էր գեղացիներու համարումին: Կ՚ընէր շատերուն գործը, արագ, թեթեւ: Կը հրամայէր հինէն աւելի հեղինակաւոր ոստիկաններուն, որոնք իր խօսքը երկուք անկարող էին ընելու: Կ՚առնէր տուրքի համար գրաւուած կարասիները հարկահաններուն ձեռքէն ու կը գրէր նամակները բանտի տղոց ու աղաներուն, իրենց մօրը կամ սիրելիներուն բերնէն:

Մութը կոխելու վրայ: Սերոբէ էֆէնտին, առջին թուրքերէն թուղթ մը, ուրկէ Ուստիանը կը ճանչնար գեղին կամ գեղերուն պաշտօնական կնիքները: Թրքական քառորդ մէճիտի իր նմանութեան եւ ծաւալին համար, տուաւ պահակին քանի մը կարեւոր եւ կտրուկ հրամաններ: Ասոնցմէ առաջինը ուշադիր եւ հաւատարիմ հսկողութիւնն էր գեղին սահմաններուն մէջ եր եւցած ամէն օտարականի վրայ: Յիշեցուց փորձանքը, որմէ անցած էր գեղը, այդ զանցառումին երեսէն: Կարդաց քարոզը, զոր այդ օրերու թերթերը, հայու բարեկամ թուրքերը, հայերուն ընդոծին իմաստութիւնը թելադրած ու բանաձեւած էին: Յանձնեց անոր նամակ մը, զոր պիտի տանէր գիւղապետ ին կնոջը: Գիւղապետը Պրուսակը փոխադրուէր կուսակալին «ոտքերը համբուրելու եւ գեղին հաւատարմութիւնը» առաջնորդին հետ հասցնելու մինչեւ «կայսերական գահոյքը»: Կը խօսէր Նալպանտենց լեզուանի տղան, հպատակելով իր լեզուին, որ օրն ի բուն կ՚ընէր այդ մարզանքը, կէս մը շահուն, կէս մըն ալ հաւատքէն: Բայց երրորդ հրամանին ատեն վարանեցաւ: Բառերը չեկան ու կանչել տուաւ իր կինը:

Նալպանտենց Աղուորը թեթեւ մը գիրցած, այտին վրայ ոսկորներու տարտամ գծագրութեամբ մը - պահակը մասնագէտն էր այդ նշաններուն, որոնք յղութեան անդրանիկ ամիսները կ՚երեւան -, խաթունի մը վայել լրջութեամբ ու օծումով նստեցաւ օճախի կուշտին, կեսուրը ետեւէն, նուաղած ու քիչ շարժումներով: Գեղը դողացնող այդ ընտանիքը ի՜նչ տկար, ճղճիմ պատկեր մը կու տար իր իսկ յարկին մէջ: Երեքին ալ վրայ զարնուած ու նուաստ բան մը, որ վեր էր անոնցմէ եւ հարսին հրաշալի մուշտակը, կեսուրին նոյնքան մեծակառոյց համբաւը կարող չէին հակակշռելու: Բայց ամէնէն եղկելին Սերոբն էր նորէն, որ հակառակ հարիւրապետին մանրամասն զեկոյցին - որով ախոռի տեսարանը կը հաղորդուէր իր իմաստին ստոյգ ապահովութեամբը եւ իր տունը ա՛լ զերծ կը դասուէր ծառաներու շունչէն անգամ -, խուլ անհանգստութեամբ մը կը տաղտապէր ներսէն: Կը դողար թուղթը անոր մատներուն մէջ, ու բառը` ակռաներուն տակ: Անիկա խայթին ներքեւ էր չգուշակուելիք պատահարներու, որոնք արձակուած կը թուէին իրենց հանգոյցներէն: Դէպքերը այս կերպ ք աշել գիտեն մեր թափանցումէն բաւական առաջ: Օտարի ներկայութիւնն իսկ բաւ չեղաւ սքողելու այս մտատանջութիւնը, որ առանց բառի իրարու կը թափէր տունին գերագոյն հոգը: Աղբի՞ւրը: - Հաճի Աննա՛ն, պէտք եղածէն աւելի սորված Սողոմենց Սողոմին բնութքէն: Բարքերը փոխուած էին ու հօրէ զուրկ երիտասարդին ճամբան Աստուած միայն կարող էր լուսաւորելու եթէ ուզէր: Հակառակ պարագային մէջտեղն էին նմանները, որոնք կնիկի մը համար աշխարհ մը կը ծախեն: Հարսը` տարտամ ու անմեկնելի խռովքէ մը այցուած, նման հեռազգած մէկու մը, որ աղէտէն շատ առաջ ծուէնները կ՚առնէ գալիք դժբախտութեան, կ՚ընէր երեսները տրտմօրէն քաղցր ու աղերսաւոր: Չէր կարելի հասկնալ, թէ որքա՛ն բան խօսուած էր անոնց մէջ, տղուն հաւանական գալուստէն, քանի որ Նալպանտենց Սերոբը ամիս ամբողջ վստահ ըրած էր իր մայրը, առնուազն Միտիլլի քշելու «անօթի ծառան»: Ուստիա՞նը: Կը հասկնա՞ր այս լոյս չտեսնելիք խռովքը: Սովորական իր զուարթութեամբը` անիկա փակեց իր լեզուն: Բայց զգաց, որ մտիկ ընողները դուրս էին սրամտութեան, նոյնիսկ պարզ համին իսկ վայելքէն: Անտեղի բաներ կան աշխարհին վրայ: Անիկա քաշեց լեզուն իր պուկին, ուրիշին ցաւին խնդացող մէկու մը չնմանելու համար: Նոյն ատեն լուսաւորուած էր անոր հոգին: Սողոմենց տղան տէրն էր այս տունին ու այս կնիկին:

Սերոբէ էֆէնտին մոռցած էր թերեւս, թէ ինչո՞ւ էր կանչած կինն ու մայրը:

- Հանէ՛ տուր:

Սթափեցաւ անիկա: Մէջքէն հանեց իր յուլունքէ քսակը եւ համրեց քսան մէճիտ: Վաշխառու` անիկա համ ու հեղինակութիւն կը դնէր դրամին ձայնին ու հաշուին ալ մէջը: Լումայափոխներու նման արծաթին դէզը հոսեցուց մէկ ափէն միւսը, ու մարդ կը զարմանար, թէ ի՛նչ արագութեամբ մէկ աշխարհէն միւսը կը դառնար խռովայոյզ անոր հոգին: Նոյն պահուն զարկին դուռը: Երեքը մէկ նետուեցան ոտքի: Այս գերզգայութիւնը տխրօրէն տպաւորեց անխելք պահակը: Կը հասկնա՞ր, թէ ինչու էր կանչուած: Բայց կը հասկնար Սողոմին հովը այս ամէնուն մէջ: Անիկա պատրաստուեցաւ մտքէն իր միջամտութիւնը տրամադրել ստեղծուելիք վէճին, քանի որ վստահ էր զարկին հեղինակէն, որ Սողոմենց Սողոմէն զատ ուրիշ մէկը չէր կրնար ըլլալ: Ոստիկան մըն էր սակայն, դարձեալ պաշտօնական թուղթով մը: Սերոբէ էֆէնտին թեթեւցած, նշան ըրաւ մօրը, ցոյց տալով դրամները:

-Տո՛ւր լմնցուր: Ես կ՚երթամ:

-Ո՞ւր, - աւելցուցին երկու կիներն ալ, աճուն տագնապով մը, որ մարմինին կնիքովը կը զատուէր:

-Հիմա կու գամ:

Աղուորը ելաւ դուրս անոր հետ: Ճամբու դրաւ էրիկը, ոստիկանէն ապահովուած: Հակառակ լայն պաշտպանութեան` անիկա ամէն ատենէ աւելի կը վախնար անծանօթ բանէ մը:

Ու կը վախնար մա՛նաւանդ այդ վախուն հաշուոյն, զգուշանալով նեղելէ, խորացնելէ իր զգայութիւնները: Սերո՞բը: Սողո՞մը: Փորի տղա՞ն: Չէր գիտեր տարաբախտ կինը ճշդիւ չափել սրտին ձայնը այս տագնապանքին ընդմէջէն: Երբ մտաւ սենեակ, դրամները վերցուած էին ու հաճի Աննան կէս ըրած արդէն իր հրահանգները:

Ուստիանին պաշտօն կը տրուէր Սերոբէ աղային բերնով, դիմաւորելու, դեռ գեղ չմտած, Սողոմենց Սողոմը ու անոր յայտնելու որոշումներն ու կամքը Նալպանտենց հաճի Աննային: Ուշագրաւ էր, որ խօսքին մէջ յառաջանալուն չափովը անոր իշխողի, հարկադրողի բնազդները կ՚ազատուէին քիչ-քիչ նկուն այն հովէն, որ սեւ, բայց չերեւցող գոլի, ծուխի մը նման կը ճնշէր ամբողջ տունին, առաստաղէն ու հոգիներէն առնելով իր ուժը: Երիտասարդ օրերուն «աբուգաթ» բերանն էր նորէն, համով, կշռաւոր, քաղցր, համոզկեր ու անդիմամարտ, որ դեռ կ՚ազդէր, հակառակ լքուած ըլլալուն, աչքին ու այտերուն կախարդ բխումէն: Այդ կամքին համեմատ, Սողոմենց Սողոմը կ՚արձակուէր իր ծառայութենէն: Անիկա այս գիշեր տուն չէր կրնար գալ: Տեղը արդէն վարձուած էր ուրիշ տղեկ մը, ան ալ «որբ», տուն մը բերանի հաց ճարելու պարտաւոր: Կիսաստուեր լոյսին մէջ, պառաւին բերանը խաղաղ աղբիւրէ մը ինչպէս` կը հոսէր ահաւոր իր ճակատագիրը: Որքան կո՜յր ենք` տեսնելու համար մեր բառերուն նիզակները, որոնք կը թափին խելօք մեր շրթներէն ու կը շարուին մեր շուրջը, մեզ առնելու համար անողոք օղակին մէջ երկաթին: Անիկա չէր գիտեր, թէ գոցելով իր դուռը Սողոմենց Սողոմին երեսին, լայնօրէն կը բանար տունը ու անոր բնակիչները` կրակին ու մահուան: Այսպէս է, որ կը վարուին մարդիկ ճակատագրին հետ: Ցեղե՞րը…: Մտիկ ընող միւս կի՜նը: Անկարելի էր թերեւս թափանցել ասոր ալ հոգիին մէջը: Ծունկի, կեսրոջը կուշտին, ամէն մէկ բառէն խայթուած` ինչպէս սլաքէ մը, կը ջանար կարծրացնել անսովոր իր գերզգայութիւնը եւ պաշտպանուիլ իր իսկ սոսկումէն: Անոր կուղպ բերանը ջնջուած էր դէմքէն, բոլորովին հեռու, օտար` սա տեղէն ու պահէն: Ամէն դադարի, երբ պառաւը կ՚անցնէր մէկ մտածումէն միւսը` անիկա նշմարել կը կարծէր այդ լռութիւններն ի վար փայլակումները իր ճակատագրին: Որո՞ւ կը գոցուէին այդ դուռները: Որո՜ւ կը ձգուէր իր հոգին, իր փորին տագնապը ու իր մարմինին բիւրաւոր լեզուները…: Սողոմենց Սողոմը կը ստանար ամբողջ տարեթոշակը: Աւելի` չուխան, որուն չունէր իրաւունք, տարին աւարտած չըլլալուն: Երեք զոյգ գուլպայ, դարձեալ դուրս սակարկութենէն: Այս պզտիկ մանրամասնութիւնները ցաւագին հակազդումով մը կը վիրաւորէին հարսին ամօթը: Կարծես ամէն զիջում փաստ մըն էր անոր մեղքին: Ուստիանին պաշտօն կը տրուէր Նալպանտենց շնորհակալութիւնը յայտնելու ծառային, որ պիտի շարունակուէր սեպուիլ տունին բարեկամ մը: Որ կրնար, նեղ օրերուն, վստահ սիրտով դիմել իր տղուն, նոյնիսկ երբ ինք հողին տակն ըլլար: Որ իր խելքին, ազնուութեան չափը տալու շատ առիթներ ունենար պիտի ասկէ ետքն ալ: Տարիքը կը նմանէր շուտ սրբուող ձիւնի մը: Մարդիկ կ՚արժէին իրենց բարիքին կշիռովը: Խօսքն ու բամբասանքը չարիք են ծներ: «Պիւլպիւլ» էր դարձեր բերանը Նալպանտենց տիկինին: Վերջացնելէ առաջ` անիկա թախանձագին խոստում առաւ Ուստիանէն, որպէսզի ինքն ալ իր կողմէն հրաւիրէր «էւել պակաս հալալ ընելու»: Վերջաբա՞նը այս տարօրինակ քարոզին: …Որ Սողոմն ալ հոգի մը ունէր տալիք Աստուծոյ առջեւ, ինչպէս մէնէ ամէն մէկը: Այս յաջողակ շրջումով անիկա կը կարծէր թումբ կանգնել Սուտին դէմ, որ պիտի պոռթկար, իր հաշիւով, կանուխ թէ ուշ ու Աղուորին արգանդը հրապարակ դնէր պիտի: …Տէրը կանանչ պահէր Սողոմին արեւը, արե՜ւը բոլոր պատանիներուն: Ու յուզում կար պառաւին ձայնին մէջ: Ուստիանը աչքով կ՚ուտէր խոնարհած հարսին երկնանուէր արտայայտութիւնը: Ծունկի, ձեռքերը հիւսած իրարու, թարթիչները խուփ` Նալպանտենց Աղուորը դէմք ըլլալէ դուրս բան էր այդ րո պէին:

Հարս ու կեսուր մինչեւ պորտան առաջնորդեցին պահակը, որ խորապէս տպաւորուած, կը վարանէր դուրս ելլել: Անիկա ճնշումին տակն էր շատ ծանր պատահարներու, որոնք կը դժուարացնէին շունչն ու քալուածքը: Թաղին անկիւնէն Սերոբին վերադարձը ըրաւ զայն քիչ մը համարձակ: Դրացիներ, աւելի քան հետաքրքիր, կը յամառէին ճանճն իսկ չփախցնել փողոցէն: Անոնք չկրցան ձգել դռնառաջքի իրենց դիրքերը: Եւ սակայն օրը վերջ էր գտած: Աշնան գիշեր էր ու բաւական ցուրտ: Բոլորին համար ալ Սողոմին դարձը առանցքը կը կազմէր անակնկալ դէպքերու: Մօրը վայբերանութի ւններէն ետքը` տղուն արի՞ւնը: Սեւ սէ՞րը: Նալպանտենց հա՞րսը: Ու կը յիշէին մտովի հսկայ պատարագը, որով մուտք էր ունեցեր Նալպանտենց օճախին ապագայ ժառանգը, ամբոխին դատումներէն ներս: Պիտի գա՞ր Սողոմենց տղան: Պիտի չգա՞ր: Անկարելի է կին ըլլալ ու ասիկա չհասկցած քաշո ւիլ տունէն ներս, լռեցնել ճաթելու չափ լացէն սիրտ ելած մանուկը, սեղան շտկել ու բերան մը հաց ծամել, չվազել կրկին վար ու դողդղալով հանդերձ կոկոզ ընել դրան շեմին, հոգ չէ թէ էրիկը սպասէր վերը:

Իր ստանձնած պարտականութիւնը կատարելու համար էր, որ Ուստիանը փութացած էր գեղէն դուրս, զատելու համար Սողոմը դարձողներու խումբէն:

Անգամ մը, որ անիկա դադրեցաւ լսելէ իր ետեւէն գլգլուկը աղբիւրին, արձակեց իրմէն իր պզտիկ եղբայրը, դէպի տուն: Ու փոխանակ շարունակելու խճուղին, որ շիտակ գեղամուտքի ալանկը կը հանէր, շեղեցաւ, կոյր արահետէ մը, դէպի ձախ: Իրեն կը հետեւէր Սողոմը, կամազուրկ ու յիմար, ինչպէս կը տրուի ըլլալ մեզի, մեծ, վաւերական յիմարացումէն առաջ: Չհարցուց շեղումին պատճառը: Բայց խռոված էր ան այս սուրհանդակէն: Հոծ, թթաստանները, գրեթէ մերկ ճիւղերով, որոնք իրենց առաձիգ մտրակովը կը ծեծ էին անոր երեսները: Խոնաւ քաղցրութիւն մը կը ծաւալէր գետնէն ու գիշերուան առջի մսուքը ոստէն կ՚անցնէր անոնց ափերուն: Սողոմը փորձուեցաւ հարցնել այս աւելորդ ճամբուն իմաստը: Բայց ամօթ մը, վախ մը կը փակէին անոր կոկորդը: Աղբիւրը մօտ էր բաւական: Կտրեցին այդ մարզը, դժուար ու նեղուած, վասնզի աղբուած ու ոռոգուած հողը կը դաւէր անոր արդէն սպառած ոտքերուն: Ելան միւս ճամբան, որ ուրիշ ուղղութենէ մը գեղ կը հանէ կրկին, բայց Նալպանտենց թաղը հեռու կը ձգէ: Սողոմը հասկցա՞ւ պահակին շարժումներուն իմաստը: Կածանը, քիչ գործածական, քանի մը անդարմանելի փոսերէ կտրտուած ու հեղեղներէ կրծուած, գողի ճամբու պէս բան մըն էր, որ գեղին արեւելքը կը դառնար, հատնելու համար անոր կռնակին: - Սողոմենց թա՜ղը: Հիմա յստակ էր ալ շրջումին իմաստը: Ոտքերը սառեցան յուզումէն: Կեցուց խիստ ու հարցուց.

-Ո՞ւր:

-Տո՛ւն:

Բառերը երբեմն յստակ են մեր մտածումներէն շատ աւելի:

-Գի՞ր կայ:

Կարծր, պողպա՛տ` հնչիւնը, որով հագուած էին սա զոյգ մը բառերը: Սուտ չէ ժողովուրդը, երբ «դանակ»ի պատկերը կը գործածէ երբեմն, տարազելու համար այս գիծէ վայրկեանները:

-Գիրը ի՞նչ է:

-Հարիւրապետէն:

-Հարիւրապե՜տ:

Ուստիանը անկեղծ էր երբ աւելցուց.

-Լուր չունիմ:

Բայց մտքէն տեսաւ թուղթը փռուած Սերոբէ աղայի ծունկին, ուրկէ սեւ, ճերմակ գիծերով յատակէն աչք մը, կնիքը, իմաստի կ՚ելլէր Սողոմին լուսաբանութեամբը: Մտածեց սակայն ու անոր ուղեղը չէր բաւեր անդին անցնելու դէպքերուն փաթաթէն:

-Բան չըսի՞ն քեզի:

Դարձեալ հարցումը կը բխէր երկաթեայ մարզերէ, սրցուած ու տարօրէն տխուր: Յուսահատութիւնը կը զատուի այս երանգով միւս, գործօն կարծրութենէն, որով յաղթողները կը խօսին:

-Ո՞վ:

Ա՛լ պատասխան չտուաւ Սողոմը: Յայտ էր, որ Ուստիանը անծանօթ էր բանտին վերջաբանին: Տեսակ մը ամօթ, տեսակ մը կատաղութիւն պլլեցին մէկէն անոր ջիղերը: Զինքը նետեր էին դէպի ախոռը…

Կը քալէին սակայն: Ուստիանը ուրկէ՜ գիտնար, թէ Սողոմենց Սողոմը ընկերներուն հետ բանտէն արձակուելէ յետոյ վար էր դրուած բանտապահին խցիկին մէջ: Պատկերին այս կտորին Սողոմին հոգիին մէջ կրկին ուրուացումը բաւ եղաւ, որ մազերը ցցուին մարմինին բոլոր մասերէն: …Ինչ ալ յստակ էր խցիկին թղթազօծ պատին` հանգոյցը զոյգ դաշոյններու կոթին, որոնց կեռ կտուցները իրարու երկարած, ձուածիրի մը մէջէն կը կախէին տաճկական զի նանշանը, ով գիտէ ո՛ր բանտարկեալի մատիտէն փրթած ու հոդ գամուած, ճանճի աղտոտութիւններով պիսակաւոր: Անիկա սթափեցաւ ոտքին անցած արմատի մը զարկէն, ցաւառիթ ու բիրտ: Չիյնալու համար թեւ էր նետած Ուստիանին: Պատկերը կը բռնանար: Քալեցին սակայն: Օր մը առջի անձրեւէն կակուղցած հողին վրայ անոր ոտքերը կը հաստատէին քաղցր համեր, անփոխարինելի գգուանքը հայրենի հողին, մոռցնելու չափ արտակարգ պրկումը, որով լարուած էին իր ջիղերը, դէպի վտանգը, դէպի կինը իր արեւելումին մէջ, խենթեցած ու կոյր: Ու միւս կէ՜սը անոր հոգիին կը վերադառնար իրեն, անվերադարձ մեկնող բաներու այն կսկիծովը, որուն ձգողութիւնը, տառապագին ու անհուն կարօտով, ան զգացեր էր չորս պատին մէջ թխմուելէն ասդին: - Հեղ մը քալելու ոտքերուդ բոլոր կարկինները լարած, ուզածիդ չափ յառաջանալով մանկունակ ըղձաւորութի՜ւնը, որ կը չարչարէ անկող ինին կապուած հիւանդը կամ գառագեղուած երիտասարդը: Կ՚անցնէին պարտէզէ պարտէզ: Ու իւրաքանչիւրին հետ անոր մտքին կ՚այցելէր տանուտէրը, լաւ կամ վատ, քովէն կինը, նոյնպէս իբր իմացական յօրինուածք, ելած ա՛լ իր պատեանէն, ու սաւառնող` միջոցին մէջ մեղք ու վարձքի իբր խորհ րդանիշ, ու անոր հարսը, այս անգամ ֆիզիքական իսկութիւն, ու աղջիկը` իբր շօշափելի փափկութիւն, որոնք չէին սեղմուեր անոր ուղեղին ներքեւ ու կ՚իջնային վար, խառնուելու անոր զգացական կեդրոններուն: Սողոմը չէր հարցներ ուղղութիւն: Կ՚ունենանք ասանկ սուզումներ, որոնց ընթ ացքին ներքին կեանքը մեզ կը բռնավարէ: Կը վախնանք` բայց չենք ուզեր ազատուիլ այդ գերութենէն: …Կը սրբուէին պատկերները, յօրինումին արագութեամբը: Մեկնողներ, լոյս, օդ, թուրք, կիներ ու աղջիկներ…: Զինքը հրեցին կրկին խցիկը: Ծերունին, պաշտօնի բերում, ընդունած էր չկամ ու խոժոռ: Թուրքին է՛ն անարժէք կտորն անգամ իմաստի կ՚ելլէ երբ մօտիկը գայ կեավուրին: Չէր խօսած Սողոմին, բայց չէր ալ կրցած դիւրաւ դատել նայուածքը սա անհաւատին կտորէն, որ խառնած էր, գեղացին էր հաստատողը, ծառայի իր մարմինը հաճի Արթինին իշխանական մահիճին եւ ուշադրութեան էր ելած սեռին ու երգին կրկնակ խռովքովը: Լալու չափ յուզուած` մտիկ էր ըրած անոր սիրային շարքի ները 1: Չէր հրամցուցած սիկար, աննշան տուրք մը, որով առնելիքուոր կը դարձնէր ինքզինքը խցիկը ինկող ամէն թշուառականէ եւ չէր մոռնար պահանջը` եօթը պորտէն գանձելու:

Յամառ` զննած էր զինքը մազերէն մինչեւ եղունգները: Սողոմենց Սողոմը մատաղատի էր շատ, հասկնալ կարենալու համար, թէ ինչպէս կէս դարու գործածութենէ մը ետք, մարդոց է՛ն հիմնական զգայարանքները կը պարտուին ժանգէն, բայց դիւրաւ չեն մեռնիր: Թէ` ծերութիւնը, երբ խօթութիւն չէ, անհուն ըղձաւորում մըն է դէպի սեռը, դէպի զայն յիշեցնող, դէպի ան տանող բոլոր բաները: Եօթանասունամեայ պահապանը դեռ անմասն չէր կոծկոծուն ու գէջ այն խռովքէն, որով կը խոնաւնան զգաստարաններուն բոլոր նկուղները: Բանտը մարդկային կենդանին կը վանդակէ` անոր ամէ նէն տենդավառ տարիքին: Ու այդպէս զգետնուած անասունէն սեռը իբր տեսանելի գոլ մը կը հոսի դուրս: Ժանգոտ ու անողոք վանդակը, որ կը գառագեղէ մեղաւորներու այս խոռոչը, մշտապէս բաց կը պահէր անոր ռունգերը: Իր հասունութեան տարիներուն անիկա ապրած էր չորս կնիկներով, երկուքը պաշտօնապէս նիքեահ ով, երկուքն ալ խարճ: Ու հասկնալի էր իր տկարութիւնը ներսի արարածներուն հանդէպ: Անիկա կը տեսնէր պառկողը, զոր մեղքին շուքը կը խորանարդէր: Իբր պատահական ծերութիւն մը, անշուշտ սրբագրելի ու ատով տանելի: Շարժումի եւ գործողութեան պակասը, որ մարդոց մարմինները, թմրումի տրուած գաղջութեանց ու թմբիրի կը տանի ու, մա՛նաւանդ` երիտասարդութեան ու առնութեան հզօր սիւնը, որ առտուները բանտարկեալներուն մէջքը կսկծագին ու խոշտանգուն զարկի մը կը վերածէ - բանտը սեռին լիութեան, ազատութեան հագցուած ամէնէն անարգ ու վրդովիչ բռնաշապիկն է - յիշատակը, որ մեր թարթիչները կը հիւսէ կարծես իր գաղփաղփուն մարմինին օրան մը ճարելու հոգով, կարօ՛տը, որ մեր ներսէն պուտիկ-պուտիկ կը բարձրանայ հսկայ հրդեհի մը պէս քալելու համար մեր մարմինին բոլոր մարզերէն ու հոգիին բոլոր բջիջներէն, - ասոնք բոլորը մէկ սեռային պատահարը կը տանին կրկնակի խորութեան, խելացնոր, նուաղուն, անպարագրելի բանաստեղծութեան: Թող եղանակ մը, աղիքի կտորէ մը կամ կէս-կոտոր սրինգէ մը, նոյնիսկ քիչ մը թաց խռչակէ մը դողդողայ այդ թմբիրին վրայ, ու մարդոց բոլոր ոսկորները պիտի կոտտան: Ու անոնց աչքերը պիտի շղթայուին, ներքին պատկերը անհոս բռնելու համար: Աս է պատճառը գուցէ, որ սեռային հեղեղատէն բանտ քշուած ամէն տղայ յայտնի համակրութիւնը կը վայլէ իր ընկերներուն ու, աւելի՛ն. կարգը պաշտպանելու պաշտօն ունեցողներուն: Այս զիջումը տկարութեան կը փոխուի ալ անոնց մօտ, որոնք նուազ տարւօք, քանի մը կին կապած են իրենց անկողինին, ժամը իննին կու գան իրենց դիւանը չորս-հինգ գրիչ խաղցնելու, մտիկ կ՚ընեն օրուան նորութիւնը, աչք մը նետելու նոյն ատեն օրաթերթին, կը խմեն իրենց սուրճը եւ կ՚աճապարեն դառնալ տուն, իրենց կիներուն: Կառավարութեան պաշտօնեաները երբ հալածանք չունին հայուն դէմ, կը խօսեցնեն տարեցները ու դուք գիտէք, թէ ո՛ր մարզերէն: Բայց ոչինչ սրտառուչ է այնքան, որքան բամպակ մօրուքով ծերերուն խուլ, անդիմադրելի հակումը դէպի խորհրդաւոր զօրութիւնները մեր սքողուած նահանգներուն: Անոնք պիտի սրբեն իրենց ականջներուն քիչ մը գուլ ճամբաները, աւելի խոր առնելու համար հեշտութիւնը բառերուն, երբ ասոնք կիներուն համը, աղը, պղպեղը, կրակն ու զգլխանքը կը փոխադրեն դէպի հեռուները մեր ջիղերու լիճերուն: Անոնք են, բանտապահ կամ ինքնատիպ շնծեր, տարիներով պապակուն, որ պատմումի պիտի ձգեն կիները, ստիպելով ոճրագործները խօսիլ անոնցմէ: Ու խօսիլ իրենց ուզածին պէս: Պիտի պահանջեն նոյնիսկ մարմինի կտորներ, խոշոր ալ, փոքր ալ, կնոջ մը աս ու ան մասերէն ու թուքերնին կուլ տալով պիտի խփեն իրենց կոպերը, երբ պատմողը - շղթայուած կամ ոչ - գալարէ իր բազուկները, հիւսէ մատները իրարու, այսպէս կազմուած կիսաջիղը անցընէ ծոծրակին ու հրէ գլուխը ողնայարն ի վար, օձի մը մարմինին պէս առաձիգ ընելով մէջքին սիւնը ու հոսէ սարսուռը մինչեւ իսկ ոտքին մատներէն, թօթուըւող ձիու մը նմ ան աջ ու ձախ ծուփ տալով…: Շնագայլերու մռայլ աղաղակ մը հեռուներէն սթափեցուց Սողոմենց տղան: Խաղողի օրեր էին ու կթուած այգիներու մէջ գազաններուն այդ ողբը չարագուշակ բան մը կ՚անցընէր մութին երակներէն: Երկու քալողները ելած էին դուրս, գեղին պարունակէն: Ճամբա՛ն, յիմար ու անհամ, զոր ատեր էր անիկա, խելքը հասնելէն ասդին: Ամէն տղայ ունի այս յամառ ու անսրբագրելի խորշանքը կամ համակրութիւնը գեղին աս ու ան կէտերէն: Ճամբաները ասոնցմէ առաջինները եղան: Անշուշտ` այսպէս տպաւորուելու սկզբնական պատճառը կը թաղուի անգիտակից մշուշի մը խորը ու հաճոյքի կամ տհաճութեան սլաքը մոռցած է պատահարը հիմա, երբ ա՛լ բիւրեղացումը կատարուած է: Գուցէ խորունկ ցաւ մը, մեծ նուաստացում մը, աղուոր ու անմոռանալի նայուածք մը, զարթօնք մը կը պայմանաւորեն զգալու այս կերպը: Սողոմը կ՚ատէր զայն, տղայ օրերուն մեծ օձէ մը հալածուած ըլլալուն յիշատակովը: Կը կարծէր այդպէս, առանց գիտնալու բուն զսպանակը խորշանքին: Ճամբան կը դիմէր գեղ, վերէն, կտրելով գերեզմանին փէշերը, հասնելու համար Սողոմենց տունը: Ու գերեզմանը, յաճախ զուարթ խաղավայր մանուկներու, երբեմն հզօրապէս շաղկապուած է աղէտով, որ յանգած է անոր պարիսպներուն: Կան տղաք, որ իրենց հօրը կամ մօրը մահուան պատասխանատուն կը նկատեն գերեզմանը ու այդպէս ալ կը մնան, դեռ մեծնալէն ետքը: Քանի մը ծանօթ կեռասենիներ: Շատ գեղանի տանձենի մը, որ քանի մը տարուան մէջ շտկեր էր ինքզինքը, տունին աղջկան նման, այս տարի հարսնցու ու աղուոր: Շագանակենին Անթիքա Անդանիկին, կարճ բառով` Փորսուխ Անդուկին, որ ամբողջ գեղին այպն ու հեգնութիւնը ոտքին տրուած, եօթանասունհինգ տարիքին չէր խպնած կրկին կարգուելու, թոռանը տեղ անցնող աղքատիկ սրբուհի մը անկողինին կապելով: Մութին մէջ, հարուստ ու մարդամօտ ծառը, կը կենար խրոխտ ու բարի, տիրոջը նման ու անհասկնալի` ինչպէս է ճամբան, որ ուղեղէն կը սկսի, կը սուզուի ողնայարին կամարուղին ու կ՚աղբերանայ, առանց հաշիւ տալու, մեր նկատումներուն կամ շահերուն: Ու Սողոմին միտքը կը տեսնէր դեռ առոյգ ծերունին, փորը խոշորկեկ, գունատ երեսներով, ահագին կաս-կարմիր քիթ մը դրած օղիէն կապուտցած իր այտոսկրներուն մէջտեղը, շիփ-շիտակ` իր կրունկներն ի վեր` ծոծրակին վրայ մորթին հազիւ քանի մը ծալքով: Ան կը հասկնար Անդուկը, Անդուկները, որոնք կը քալէին հիմա իր մէջէն: Կայծակի պէս լոյս մը զարկաւ անոր ուղեղին: Բացուած էր անդունդը, ուր կը վազէր անիկա: Տասը գեղ, հարիւր հարիւրապետ պիտի չբաւէին զինքը կեցնելու այդ ճամբուն…: Ու Սողոմին միտքը կը տեսնէր միւս ծերունին, ծունկի, գղիաթին վրայ, մորթը դեղին, ծուխի բռնուած բամպակի գոյնով, մէջքը բռնելու համար տքալով, բայց լեզուին ծայրով եղելով շրթները, երբ արգանդի պատմութեան մը փոշիները, շամանդաղները իյնային բանտին վանդակէն դէպի խցիկը: Կեա՜նքը` նո՛յն, ամէն տեղ: Ու անիկա տեսաւ ինքզինքը, ուրիշներէն զատուած ու դրուած անոր խցիկին:

Իր լռութիւնը, որ զայրացուցած էր: Բանտապետը անգիր դիւանը կը նկատէր ինքզինքը սեռային հարցով գառագեղ ինկած բոլոր պատժապարտներուն: Անիկա, տարիներէ ի վեր, սովորութիւն ունէր, պատիժը քաւելէ յետոյ, աշխարհին դարձողները խօսեցնել, լիակատար պատմումով: Քոմիթաճիներու գործէն դուրս ուրիշ ալ պատճառով բանտարկուած Սողոմը, գեղացիներուն շատախոսութեամբը սեռային հերոսի վերածուած, տալիք համար ունէր ու չտուաւ: Հանդուրժեց ծերուկին հայհոյութիւնները, հանդարտ, գրեթէ ապազգայ: Մնաց լուռ անոր սպառնալիքին դիմաց, որ չոր բառ կրնար չըլլալ: Ամէն հայ, ամէն րոպէ, ենթակայ է այդ երկրին մէջ, որեւէ աղէտի: Սիրտը կճրտեց մէջէն, երբ ոստիկանները կանչեցին զինքը դուրս: Կը տանէին ետ: Հանեցին դուրս բանտին սահմաններէն: Սուինաւոր, չորս ժանտարմա կը քալէին, զինքը մէջտեղ առած: Տարածութի՛ւնը, լքուած կալ մը աղիւս գործելու: Ծայրին` տեսակ մը ախոռ, բոլորովին բացը, գետակին ափին, ուր ջուրը հնօրեայ ժայռի մը կռնակը կը ծեծէ աղմուկով ու անվերջ: Ներսը, ցեխէ ծեփ, բայց շատ հաստ պատեր: Ջրաղացի մնացո՞րդ, թէ ճինիվիզ ներու 2 օրերէն շինուած անհասկնալի բան մը: Հիմերը` քար սակայն: Դուռնէն զատ, լոյսի համար աննշան փորուածքներ, տանիքէն շատ մօտիկ, որոնց բերնին` թխմուած սակառները կը սպաննէին ինքնին վախկոտ ու նիհար լոյսն ալ: Ի՞նչ է, որ աւերակներն անգամ զարհուրելի կ՚ընէ թուրք` գեղերու սահմանին: Սեմէն մտնողը կը համակուէր անբացատրելի անդոհէ մը, ա՛յն երակէն, որով շաղկապուած կը մնար մեր մէջ մահը, կարգ մը տեղեր, կարգ մը մարդեր: Թուրքերը շատ ունին անոնցմէ: Բանտին մէջ յաճախ կը խօսուէր այս ին ին վրայ, ուր կը տարուէին բոլոր անոնք, որոնք ծեծի տակ ճշմարտութիւններ ունէին յայտնելու: Սողոմը հոն ընդունեց վճռակ ան հրամանը, որով կ՚արգիլուէր իրեն ոտք կոխելու Նալպանտենց Սերոբէ էֆէնտիին տունը: Հարիւրապետն էր այս զեկոյցին հեղինակը, ուրիշ չորս ոստիկաններու սուինաշեշտ ներկայութեան: Լիրբ, հեգնող աչքի մութ շարժումներով, չըսելով հիմնականը իր մտածումին, բայց գուշակել տալով սպառնալիքէն անդին թելադրուածը` անիկա կը խօսէր իր ցեղին ատելութեամբը: Թուրքերը այլեւս ներարկուած էին անպարագիծ այն թոյնով, որ տկարներու վրայ փորձուելու իր ապահով, ապավնաս հանգամանքովը առաքինութեան, ցեղային զգայութեան կը վերածուի: Անսաստումի մը պարագային - Աստուած հեռուն ընէր նման ոճիր մը - ան երդում ըրաւ Մարգարէին սուրբ անունովը, ծեծի տակ ցեխի վերածել անոր միսերը - օրինակը կ՚առնէր աղիւսարանէն - ու փոշի` ոսկորները: Գանամահ, խեղդամահ, հրամահ, միշտ նոյնն էր եկող պատկերը երեք երեսներուն ալ տակը: Արդարութեան ու ապահովութեան պաշտօնակալը կենդանի գոյներ, հաստ ու աղտոտ պատկերներ ունէր իր բառերը լուսաւորող: Հակառակ տարազին, որ արդիացած էր Արեւմուտքէն գիծերու ընդօրինակումով, խորքէն սա պաշտօն(եայ)ն կը մնար աւելի քան թուրք: Յետոյ, զայրագնումի րոպէի մը, ան արտասանեց նաեւ մա հուան ալ վճիռը, որ իր շրթունքին բարիքը կը կազմէր սա պահուն: Ո՞վ կ՚արգիլէր սա մարդերը սպաննելէ սա կեավուրին կտորը: Բայց թուրքերը խի՜ղճ ունէին: Չըրաւ ատիկա հարիւրապետը, վասնզի փափուկ էր սիրտը: Տղուն հպարտ, անզգած լռութիւնը - Նալպանտենց տունին վերյիշումը զայն նետեր էր ծոցը երազին -, թէ ուրիշ պատրուակ մը զայրացուց այդ փափկութիւնը, թուրք սիրտը, որ ծեծը հրամայեց նշանացի: Բարուրանք անշուշտ այս ցուցամոլ զայրոյթը, քանի որ հրահանգի մը համար սա չարագուշակ ծակին ընտրութիւնն իսկ փաստ էր կանխամտած գործողութեան մը: Հարիւր ապետը իր խոստումը կը կատարէր Նալպանտենց Սերոբին: Այն ատեն ծեծեցին տղան: Փոյթ իսկ չունեցան կապելու, գետին տապալելու, թերեւս հաւանական ընդդիմութիւն մը վերջնական պատուհասելու խուլ ծրագրով մը: Մաուզէրներուն բուները կատարեցին համազարկը: Ինկաւ անիկա վար, կողէն կոտրուած: Նուազում ու լռութիւն: Կղպուած էին ակռաները: Դադար: Ժանտարմաները պատիհոնին սպասող դոյլերը առին ու բերին գետակէն ջուր: Թափեցին վրան: Պաղ այդ զգայութեան տակ բացուեցան Սողոմին աչքերը: Սկսաւ համազարկը: Արիւն` քիթէն ու բերնէն: Դադար: Հարիւրապետը մտրակը տարաւ բերնին: Վերջ գտած էր ծեծը: Անիկա հեռացաւ, կիսաժպիտ ու հպարտ: Ըսեր են, որ սիրտերը նոյնը կ՚ըլլան տարիքէ տարիք: Գուցէ: Ըսեր են, որ շատ ալ չեն տարբերիր անոնք ցեղէ ցեղ: Գուցէ: Բայց չեն ըսեր, որչափ գիտեմ, որ նոյն ըլլան մարմինները տեղէ տեղ ու պահէ պահ: Ամբողջ հինգ դար մեր ժողովուրդը կրեց այդ մարձումը իր մարմինին վրայ: Սողոմին ըրածէն տարբեր ընելու համար ուրիշ զոհողութիւններ դեռ չէր աչք առած: Ոչ մէկ ատեն, միւս կողմէն, թուրքն ալ այնքան հերոս, զգլխուած, ներքին հուրքով գեղեցիկ է եղած, որքան այն ատեն, երբ շղթայուա ծ մը, գերի մը, կին մը, մանուկ մը կը ծեծէ: Ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան սեռն, միապաղաղ հաճոյքով կը հաղորդուի այն յուզումին, որքան թուրքը, երբ իր առջին կեավուրները կարգաւ ծեծի կը քաշուին: Հոս, գերազանց է իր վայելչութիւնը, դիւրին եւ ընտանի, որքան չէ գուցէ մորթելու ատեն, ուր հաստութիւն, թափուած արիւնէն առաջացած անասնութիւն, աւելի տգեղ բան մը` վաւաշը, ատկէ աւելի տգեղ` սերմը կը միջամտեն ու կ՚եղծեն պատահարին սկզբնական, հատու գեղեցկութիւնը: Այս պատմութեան ընթացքին մեզի պիտի տրուի ծանրանալ թուրքին այս առաքինութեան վրայ: Կ՚ըսեմ ասիկա առանց յետին մտքի: Հարիւրապետին հեռացումէն յետոյ ոստիկանները պահ մը վարանեցան: Չէին գիտեր իրենց ընելիքը: Մէկը վազեց, հարցուց, դարձաւ: Դուրս ձգեցին տղան, մէջքէն վերցուցած, վախնալով` որ իրենց ձեռքը կը մնար թեւը կամ սրունքը: Կղպեցին աղիւսարանին դուռը ու գոհունակ հազով մը բացուեցան, ամէն մէկը մէյ-մէկ ուղղութեամբ մը: …Բացաւ անիկա աչքերը: Ոսկորները, կոտտացող զանգակի մը նման, ամէն կողմէ կը ճուային իրենք իրենց: Ցաւ չէր ասիկա, այլ` տեսակ մը այրուցք, որ ալիք-ալիք կը բարձրանար խորերէն: Կ՚ուղղուէր դէպի սիրտը ու կը դառնար ետ, թափուելու տեղ չգտնող հոսանքի մը նման: Շարժո՞ւմ, - անհնար: - Վասնզի խաղերը դադրած էին գործելէ: Սպասեց: Բայց ինչ բանի: Աչքերուն մէջ աւազի զգայութիւնը մեղմացաւ քիչ մը: Օդին զովութիւնն էր, որ կ՚անցնէր անոր երակին մէջէն: Յետոյ գտաւ, որ միսերը ոսկորներուն փակցուած բացէն կտորներու կը նմանէին, որոնք կ՚այրէին զինքը: Դադրած էր արիւնը: Բայց մարմինին շատ մասերուն վրայ անոր հետքերը կը չորնային: Ջուրը դալկացուցած էր անոր այտերը, որոնք կորսուած արիւնին չափը կը պատմէին: Ոչ մէկ շշունջ: Բայց դէմն էր խճուղին, որ արտերուն մէջէն կը կորանար դէպի զառիթափի հայ գեղերը: Տուներ, այդ գեղերը, այդքան հեռուէն, գամուած բլրակողերուն, խորտուբորտ ու դժբախտ: Չանցաւ անոր մտքէն կեանքը, որ այդ գորշ կամ ճերմակ նշաններուն տակը լարուած էր, ով գիտէ ո՜ր աղէտին համար: Յետոյ մտիկ ըրա ւ: Գետակին բերանը, որ ատեն-ատեն ոլորուտ բան մը կը դառնար: Յիշեց եղէգները, որոնք անոր ընթացքը կը համազգեստեն մինչեւ լիճ: Գիւղաքաղաքէն ծոյլ հաջոցներ չեղող շուներու: Արե՛ւ: Բաց կապուտութիւններ: Ճնճղուկ մը` աղիւսարանին կտուրին, թեթեւ ու սիրաւէտ, համբուրելով իր իսկ կուրծքը: Ճնշում, սրտին, որ նեղ կու գար: Աւանակի մը տոտիկները, որոնք հին սալարկներու կռնակը կը զննեն այնքան դժբախտ ուշադրութեամբ մը, չսահելու համար ահագին սալերէն: Որքա՞ն` այս կիսանու՛րջը, ուր ցաւին շոգին եւ իրականութեան խաբուսիկ զգայութիւնները կը լուծուէին իրարու մէջ: Ոչ մէկ յուշք գեղէն: Տեսաւ միայն Նալպանտենց Սերոբը, որ ստուերայնոտ գոյութեամբ մը կը շարժէր թեւերը հարիւրապետին: Չեկաւ անոր կինը: Չեկան մայրն ու մօտինները: Ուրուացաւ հայրը, բարի, յուսալից, սրտապնդող: Կիսերեւոյթը ցնցեց զինքը: Իրականին մէջ ճամբան էր, որ կը թօթուըւէր: Հաստ ոտնաձայն: Երկաթ անիւներուն աղմուկը: Փորձեց վերցնել գլուխը ու կրցաւ: Կը զարմանար մինչեւ հիմա ատոր չխորհելուն: Անցնողն էր աղբի կառք մը, դէպի գետակ, պարպելու համար թուրքերուն մաքրութիւնը, ջուրին: Թշուառական, ամբողջովին գարշութի ւն ու աղտ թաթար մը կը քշէր սայլը: Տեսաւ զինքը, հայհոյեց, քիթը բռնեց` խնայելու համար ռունգերուն, ու ասոնց ճամբով` հոգուն անսուրբ այն բանը, որ կեավուրն է, զանգուածին թանձր գիտակցութեան մէջ այսպէս ծիրանաւոր: Արհամարհանքը հասարակաց շաղախն է, որ եպարքոսն ու դաշտի քոսոտ հովիւը իրարու կը կապէ: Թուրքերուն այդ իրաւունքը չէ, որ կը զլանամ: Ատիկա յաղթանակին նուէրն է իրենց: Կը զարմանամ միայն, որ ատիկա կ՚ուզեն ուրանալ ու մեր գլխուն գուրգուրոտ հայրեր դառնալ: Անցաւ աղբակառքը: Ու անցաւ երկու ոտքի վերածուած միւս աղբն ալ: Աշխ ատեցաւ շտկել մէջքը: Ամէն մէկ ոսկոր իր միսերուն մէջ գծեց ծուռումուռ շարժումներ: Փռուեցաւ կրկին, լքելով, իր մարմինը, որ առաւ իր ուզած ձեւը…: Բախտը այնպէս կարգադրեց, որ հարիւրապետին հոմանուհին թափառի այդ կողմերը, իր սպասուհիներէն տեղեակ կենալով սիրականին այ դ մարզերը ուղղուած ըլլալուն: Տեսաւ հայուն կտորը: Առանց գութի, բայց առանց ատելութեան, հրաման ըրաւ թաթարին, որ ետ դառնայ: Կառքը պարպուած էր արդէն: Բարեպաշտ թաթարը շալկեցու նետեց աղբի կառքին կեավուրը, հրաման ունենալով գազային հարաւային սահմանները քշել զայն: Խճուղին հոդկէ կը բաժնուէր դէպի հայ գեղերը: Դարը այն դարն էր, երբ հայ ծեծելը կրկին բարքերու մաս կը կազմէր: Մանկամարդ կինը երբեք չմտածեց պատճառին: Յանցանք ալ չփնտռեց, թուրքերը իրենց տան ծառաները ծեծելու համար փնտռա՞ծ ունէին: Ոչ ոք կը հետաքրքրուէր ծեծի տակ ինկողին ճակատագրովը: Քանի՜-քանի՜ հեղ բանտերուն մէջ տղաք ա՛լ չբացին աչքերնին ու թաղուեցան, բժշկական օրինաւոր տեղեկագրով, որ ծեծին տեղ աւուր պատշաճի հիւանդութիւն մը կը փակցնէր մեռնողին անցագրին: Բռնապետութիւնը քաղաքներուն մէջ զգուշութիւն կը կեղծէր, հալածանքը կը գունաւորուէր պաշտօնական մեծանձնութեամբը, գեղերը կը լքէր թուրքերուն քմայքին, լրբութեան, գութին: Անշուշտ ընդարձակ կայսրութեան մէջ մարզէ մարզ այդ հալածանքը պիտի առնէր նաեւ կնիքը տեղական պայմաններուն: Ու ձգտումը կը հպատակէր թերթերու շունչին: Քաղաքականութիւնը թուրքին է՛ն զգայուն հոգեվիճակն է: Անցեալին ծանր ճնշումը, կիսավայրի ու դեռ իր պարունակին չիջած ջիղերու դրութիւն մը: Արիւնին հանդէպ մշտագրգիռ աչք ու հոգի այդ ժողովուրդը կը զատեն Արեւմուտքի ռամկապետութիւններէն: Կիրքը, ծայրայեղութիւնը, ոճիրը դիւրավառ հրթիռներու նման կը պտըտին անոնց հետ: Ես տեսայ այդ ժողովուրդին ուրիշ հատուածները, չէզոքացուած պետական այս շիկացումէն: Խոնարհ, անկնիք, դեռ հողէն չզատուող, իրենց բարեշրջումին առաջին օղակն իսկ չաւարտող հօտ մըն էր անիկա, որ իր տունին մէջ կը գործադրէր միայն իր բնազդներուն պատգամները ու անվնաս էր օտարին: Ով որ հայ է եղած բռնապետութեան օրերուն, ու այդպէս, Սողոմին նման մահացու ծեծէ մը ետքը, ինկած գեղանի կնոջ մը աչքին, պիտի կրնայ յիշել, թէ մետաքսներուն տակ մարդիկ երբեմն սիրտ կրնան կրել: Մնաց որ, այրերուն մէջ հզօր զգացում մը ինքն իր ուժէն կը յոգնի մինչեւ կիներուն սիրտը: Երկու հայ, մսավաճառ, հիւսն, պայտար, բժիշկ, բրուտ, - կը տեսնէք առատութիւնը շնորհներուն: Ասոնցմէ մէկին իսկ փշուրը բաւ էր, որպէսզի թուրք մը յղփանայ ու եղին-մեղրին մէջ պահէ իր տունը, առանց հողին բարիքին: Այդ բոլոր ը մէկ ցամաք հաց մը անգամ անկարող էին հայթայթելու մերիններուն, որոնք լիճին հիւսիսի գեղերուն մէջ մորթ հաւաքելէ կը դառնային, բեռնաւոր սայլ մը քշելէն, վերցուցին Սողոմին մարմինը: Յաճախակի պատահմունք էր ասիկա թուրք գեղերու սահմաններուն վրայ: Պարտաւոր էին այդպէս վարուելու, ազատելու համար ձրի ամբաստանութենէն, որուն համեմատ ինկած մարդու մը քովէն անցնող առաջին հայը հեղինակը կը համարուէր ոճիրին: Շաբաթ չէր անցներ որ, յապաղած, քիչիկ մը մութին մնացած ոեւէ ճամբորդ չենթարկուէր սպաննող այս ծեծին: Գեղէ գեղ այս ատելութիւնը թու րքերուն մէջ կը մշակուէր գուցէ օրանէն, որուն վրայ մայրերը դանակներ կը փայլեցնէին պզտիկին բազուկներուն աղեղին: Ես լսեր եմ այդ երգերը ու կեանքիս առաջին ծեծը առած այդ զգայնութենէն: …Փաթթեցին զայն ոչխարի մը մորթին: Տղուն տարազը կը պատմէր գեղէն: Անցան անոնք լիճին արեւմտեան ծիրը, ճախինները, մտածկոտ, անհանգիստ ու խորապէս հա՜յ: Երկու ժամ յետոյ իրենց սայլը հասած էր հայ գեղին սահմանները: Հանգիստը, մորթին բուժիչ յատկութիւնը, գուցէ հայրենի հողերուն խուլ ձգողութիւնը բացին Սողոմին աչքերը: Հազիւ քանի մը բա՛ռ, այնքան վարժ էին սայլորդները այս տեսարաններուն: Հասան անոնք Սողոմին ընկերներուն Յղի-սօսիին տակ, որով կը սկսի հայկական դաշտավայրը: Անոնք յանձնեցին սթափած երիտասարդը գեղացիներուն ու շարունակեցին իրենց ուղղութիւնը դէպի լիճին միւս գեղերը, փոքր-փոքր, բոլորն ալ թուրք: Ու տե ղն էր զարմանալու սա մարդոց կորովին, սիրտին: Տասը քայլ անդին, թուրքերու մարզին մէջ, տասը անարգ բազուկներ կրնային դնել զիրենք ալ Սողոմին վիճակին…: Բայց, պէտք էր քալել, քշել, մորթ հաւաքելու, սուղ-աժան ծախելու, թագաւորին տուրքը տալու եւ տղոց բերանն ալ քանի մը փշրանք բան հասցնելու համար: Անոնց սայլին ճռինչը մարեցաւ ձիթաստաններուն մութին մէջ: Ընկերները շրջապատեցին դժուար ոտք փոխտող տղան: Հարցուցին ու լռեցին: Արիւնի հետքերը մատնող էին: Հասկցան ծեծը: Բայց ոչ` պատճառը: Անիկա լռած էր արիւնին, ոտքին կաղալուն, ուշանալուն ու բոլոր հարցումներուն դէմ…: Մերժած` բառ ու սիկար:

Քալած էին ու բաւական: Գերեզմանի փէշին Ուստիանը դպաւ կամացուկ անոր ուսին: Տուները տեսանելի էին իրենց մութէն այլայլուն կմախքներովը: Ու խօսելիք ունէր շատզրուց, - գաղտնիքէն ցեցի պէս կրծուած պահապանը: Կեցան: Ծանօթ քարն էր Մամուկենց պարտէզին, հանգստատեղը գերեզման գացող ծերերուն: Հոն, պողոտայէն կը բաժնուի փոքր, յարդարուն զառիվեր մը, քանի մը հարիւր քայլ երկայնքով: Դասական ու գեղին մէջ հռչակաւոր ելքն է ատիկա, զոր ամէն տղայ սանկ հեղ մը կը չափէ աչքով, չափելով ն ոյն ատեն իր օրերուն անստոյգ կտաւը: Ամէն գեղացի պիտի ընէ այդ ելքը, ուրիշներու ոտքովը, երթալու համար վերջնական հանգիստին:

Մօտի տուներէն լացի կտորներ ու ձայնի մեծ շերտեր, իրարու խառնուած` կը հասնէին անոնց ականջին: Յոգնութիւնը, յուզումը փլած էին երիտասարդը, ծերի մը պէս, ծերերու քարին: Պահակը քաշեց զայն թեւէն: Բռնեցին զառիվերը: Կը հետեւէր Ուստիանին, ընելիք չունեցող մարդոց նման: Գերեզմանին պարիսպը, աղօտ իր ճերմակովը կը բանար քիչ մը մութին փէշերը: Ելքը տեղի ունեցաւ առանց բառի: Գերեզմաններէ զգացուած յիմար սարսափը չա րթնցաւ տղուն մէջ: Բայց յիշեց օրը, երբ տարեր էին իր հայրը, մօրը խենթեցած ճիչերուն մէջէն: Յանկարծ սիրտը փղձկում ունեցաւ: Մահուան ու սիրոյ պատկերները զուգորդ են իրարու, բայց իրենց կորագիծը չի հասնիր մեր զննութեան ու փաստումին: Մահուան ու զրկանքին, անիրաւութեան ու ծեծին ալ գիծերը կը քալեն մեզի անծանօթ ակօսներէ: Անոր հոգին մուրճին տակն էր օրուան ստորնութեան: Կեցան դրան առջեւ, որուն մէկ փեղկը այրեր էին, խորհրդաւոր պարագաներու տակ, անծանօթ ասպատակներ: Դրան սեմին նստան անոնք:

Սողոմը պարտաւորուեցաւ կռնակն ալ գործածելու, նստիլ կարենալու համար: Քովնտի, անոր կիսադէմքը կը նայէր մեռելներուն ու անոնց քար մարմիններուն: Լուսնկան, նոր ելած, կապոյտի զարնող շամանդաղ մը կը ցրուէր մահուան դաշտին, անոր վէտերուն, մարմարներուն, որոնք իրենց ցերեկեայ անզգածութենէն ելած, շարժումի մը մտ նէին ու շշուկի մօտ բանով մը թրթռուն, կը հեռանային, նորէն կու գային, կ՚երկննային ու մարդկեղէն զգայութիւններ կը թելադրէին: Ծառե՛ր, մեծ ու ահաւոր գլուխներու նման` կախուած միջոցն ի վար, իրենց պարոյրին համառօտուած կաղապարովը: Թուփե՛ր, պզտիկ, հողին մխուած սիրտերու նման` վերբերելով սիրտերը վարիններուն: Ու սօսափ: Ու փղձկում: Մեր սիրտը կը փլի, երբեմն առանց պատճառի: Լացող չկար սակայն: Վարէն, գեղին խորերէն, գինովի երգեր: Կցկտուր զուռնա մը կը խօսէր կցկտուր բերկրանքէն, զոր գեղացին կը շինէ, ամէն զրկանքէ ետք, սխտորը ծեծելով ու սոխը կոտրելով:

Ուստիանը մէջէքէն հանեց բան մը, կծիկ մըն էր, ճերմակ: Դրաւ Սողոմին ծունկին:

-Ի՞նչ է աս:

-Քուկդ է:

-Ի՞նչ է:

Պահակը առաւ կծիկը ծունկէն, քակեց, շրջեց յատակէն: Պարունակութիւնը յորդեցաւ անոր ափէն: Մէկ քանի արծաթ ինկան գետին: Մետաղին ձայնը, գրեթէ մարդկային, ցրուեցաւ դէպի մեռելները: Սողոմը չէ՞ր հասկնար:

Ուստիանը համրեց հատիկ-հատիկ մէճիտները: Յետոյ դրաւ կրկին տոպրակին մէջ, ամրացուց կապը անոր ականջէն ու խզկեց Սողոմին մէջքը: Մարդոց մատներուն տակ դրամին` ինչպէս կնոջ միսերը իրարու կը նմանին քիչ մը: Հպարտութիւն եւ ուժ կու գայ մեզի: Գալ տարուան վաստակն իսկ հիմակուընէ սպառած պահակին համար վայելք էր սա խաղը դրամին` ինչպէս վայելք էր եղած, անճառելի ու իրաւ, միւս պատկերը, - Աղուորին մարմինին սահիլը իր առջեւէն, ան ալ արծաթին պէս յստակ ու խենթեցնող: Յետոյ, մեծ ահարուստ, գողտր, կարեկցուն, իբր թէ ըլլար մուրատատուր սուրբ մը, աւելցուց.

-Տարեկանդ է:

Գորովոտ էր ձայնը ու առանց նախանձի դոյզն փշուրի:

-Աստղդ բաց է, հէ՜յ տղայ:

Հարազատ իր մտածումն էր, որ մարմին կ՚ըլլար այս բառերով: Պահակին համար Աղուորին ծոցը աշխարհքին արքայութիւնը կ՚արժէր:

Սողոմին մտքին մէջ մէճիտներուն սա ձայնը պատճառ եղաւ խորունկ տագնապի: Անիկա նորէն տեսած էր աղիւսարանը, ժանտարմաները, հարիւրապետը, Նալպանտենց Սերոբը: Ու պղտոր պարապութիւն մը, երբ մենք տէրը չենք տակաւին մեր հիմնական զգայութեան: Դեռ այս մտքին մէջ հնչած ան միւս զանգակը, լուռ, ահաւոր թակաղը կիրքին, որ կը չափէ ինքզինքը մեր սիրտին տունէն բարձրացող միսէ սիւնի մը նման ու կը զարնէ մեր հոգիին բոլոր պատերուն, զարհուրագին բաբա՜նը միշտ կիրքին: Որ անգամ մը չափել սկսելէ ետքը, պիտի չկենայ, մինչեւ որ պարիսպնե րը ալիւրի պէս չփշրուին, - պարիսպները աշխարհիկ օրէնքներուն, որոնք կը յաւակնին սահման կտրել մեր հրայրքին: Վա՜յ անոր, որ կը լսէ այդ զանգակը: Սողոմին մէջ առաջին թրթռումնե՜րը: Անմիջապէս յետոյ ոստիկաններուն, Սերոբին համաձուլուած դէմքերը: Ու Աղուորին տեսիլքը, որ դողաց ու չեղաւ: Մատ ունէ՞ր Նալպանտենց հարսը ախոռի դաւին մէջ: Ո՞վ բուսցուց այս դաժան մտածումը անոր ուղեղէն:

-Ո՞վ տուաւ:

-Հաճի Աննան:

-Սերոբը տեսա՞ր:

Ինչպէ՜ս կը զսպէր խեղճ տղան իր բերանը, չհանելու համար անկէ պատկերը, բառը, անունը կնիկին, որ մինչեւ կոկորդը կը լեցնէր զինքը սա պահուն: Որ հալած ոսկիի գունտի մը նման կը կենար պատրաստ` թափելու դուրս, բայց կ՚արգիլուէր անոր հզօր ամօթէն:

-Ինչո¯ւդ է պէտք Սերոբը:

Պահակը չէր հաւատար ըսածին: Սերոբը գեղին մէջ մեծագոյն իրականութիւնն էր: Ազդեցիկ ու հարուստ աղա: Բայց մա՛նաւան դ տէ՜րը Նալպանտենց Աղուորին:

Եղաւ նեղ լռութիւն, ա՛նկէ` որ կ՚եռայ իր մէջ: Կը նեղէ ու կը վախնայ ինքիրմէ: Ամէնէն աւելի տառապողն էր Ուստիա՜նը: Ի պաշտօնէ հետաքրքիր, սեռային հարցին պատւակալ վարդապետ ու անարծաթ առաքեալ: Շաբաթներով սպառած էր «սա ապաշխարանքին» վախճանին, միտքէն վայելելով սա երանելի մենութիւնը, երբ Սողոմին հետ պիտի խօսէր Նալպանտենց հարսին ծոցէն: Չհամբերեց անիկա: Մոռցաւ, թէ իր մեռելները կրնային լսել զինքը ու տաք ջուր մը թափուողի աճապարանքով նետեց վերջապէս զինքը այնքան չարչրկող հարցումը.

-Իրա՞ւ է. օղլում, աչուիդ ուտեմ, ըսէ՛, իրա՞ւ է…

Ոտքի ելած էր յուզումէն: Ձեռքը մէջքին. արձանի մը պէս, զոր մութին կապած ըլլան: Ու կը դողար անոր ողնասիւնը, ամբողջ ու միակտուր: Որոշ իր ակնարկութիւնը մնաց անպատասխան: Անիկա ստիպուեցաւ կրկնել.

-Իրա՞ւ է. տղա՛ս: Ըսէ, պապուդ մեռելին հոգուն:

-Ի՛նչը, Ուստիան աղբար:

Տխրեցաւ պահակը ու չարաչար: Չբարկացաւ սակայն: Կը ճանչնար Սողոմը իբր բերանէն ձիգ երիտասարդ, ինչպէս ինքզինքը կը դատէր իբր շրթնանկիւնները փետտուած շատախօս: Անիկա` Սողոմին` խօսելու սա դժկամակութիւնը կը վերագրէր վախի, յոգնութեան, անփորձութեան, յուզումի, կարօտի ու բոլոր այն պզտիկ պատճառներուն, որոնք մեր նկարագիրները կը զանազանեն իրարմէ ու մեզ կ՚ընեն զեղուն կամ ժլատ: Բայց կը խղդուէր: Այնքան չարչարուած էր Աղուորին ու Սողոմին ծոց ովը, որ չէր զգացած անտեղութիւնը հարցումին ու պահին: Մն աց որ, եղած էր նաեւ ծիծաղելի: Մութը կը դիւրացնէ մեր հաստատութեան, անտաշութեան ցուցադրումը ու մեզի ըսել կու տայ կոշտութիւններ, որոնցմէ զգուշանալը սիրեցինք ու ըրինք լոյսին: Ատ էր պատճառը, որ բիրտ, աւելցուց.

-Աս գիշեր` ձեր տունը:

-Անա՞նկ ըսաւ:

Սողոմը խորհած էր Աղուորին ու քայքայուած` անհուն տխրութեամբ մը, որ իր մարմինէն չէր բխեր, կարծես վարէն, գեղին վրաներէն կ՚ուղղուէր դէպի ինքը: Ու տեսաւ զայն, սանդուխի գլխուն, ճամբու դնելու շարժումով Ուստիա՜նը: Յետոյ խածաւ ինքզինքը, վախու՜ն: Որքան մօտ էր Նալպանտենց հարսին: Նե ղցաւ միջոցը, ջնջուեցաւ: Ու անիկա անո ր տունն էր, փաթթուած անոր, անքակտելի ու վերջնական: Անիկա զգաց աղէտին կշիռը ու տկարացաւ: Թոյլ, խեղճ, տիրացո¯ւ:

Այս ընկրկումը ըրաւ շեշտը գրեթէ նկուն երբ կրկնեց.

-Անա՜նկ ըսաւ:

Անիկա խաղաղ էր, ո՛չ միայն պահակին, գուցէ նաեւ իր աչքին:

Ուստիանը, ինչպէս ամբողջ գեղը, անտեղեակ էին այն անցուդարձերուն, որոնք ուղղաւկի կը կանխէին Աղուրին յղութիւնը: Անտեղեակ մա՛նաւանդ վերջին գիշերուան անլուր եղելութեան, երբ առեր էր կնիկը էրկանը ծոցէն ու տարեր խշտին: Ոչ ոքի ծանօթ էր անոր բազուկներուն վճռականութիւնը եւ դաշոյնը գործածելու ինքնաբուխ կորովը: Տիրացուն, շապիկը, ձայնին լոխումը տիրապետող պատկերներ էին անոր անունէն: Այնպէս որ, մութին մէջէն հոսող սա նուաստ, կորակոր, խեղճութեամբը անպարտկելի անկումը լրացուց Սողոմին մասին պահակին դատաստանը: Այս վերջի նը ապահովցուց ինքզինքը միտքէն, իր պաշտօնը յաջողութեամբ գլուխ հանած ըլլալուն: Վերադարձաւ անոր հաճի Աննային պատկերը, որ կը դողար խօսելու ատեն ու կ՚ըլլար անհասկնալի իր խռովքին սանդուխէն: - Սերոբը` որ զսպուած ու մտահոգ դիմակ մը չէր կրնար վանել իր երեսէն ա՛ն` ո ր պատռտող, փշաքաղ բան մը կ՚ըլլար, երբ խօսէր վարը, սրճարանին մէջ, հայուն ու թուրքին: - Ու այն անձկագին, տրտում, դիւրաբեկ ոլորտը, բարեխառնութիւնը, որ կը տիրէր պատմական սենեակին մէջ, երբ դրամը կը յանձնուէր իրեն, Սողոմին ձեռքը հասցնելու խնդիրքով: Այն ատեն անիկա հասկնալ կարծած էր այդ խռովայոյզ վիճակը, կապելով զայն կասկածուած գայթակղութեան, որ Սողոմին բերնով կրնար թափուիլ հրապարակ: Բայց խնդացեր էր միտքէն այդ աւելորդ զգուշութիւններուն: Չէ՞ որ գեղացին ըսեր էր ըսելիքը: Աւելի՞ն: Ի՜նչ անխելք էին սա հարուստները: Աստուած դրամը առատ տալով անոնց, կարճ կը կապէր խելքին ճամբաները: Անգամ մըն ալ կուշտ ու կուռ ծիծաղեցաւ հաճի Աննային թախանձագին տեսիլէն, որուն մէջ մեծահամբաւ պառաւը տասը հեղ կրկնած էր իր պատգամը, ամէն գնով եոլա երթալու, սիրտ շինելու: Հիմա ուրախ էր, որ կը հերքուէին այդ մտավախութիւնները:

-Ո՞վ ըսաւ քեզի:

Որքան ու՛շ` հեռուէն սա հարցումը, դանակի պէս հատու, բիրտ, ու հիմնովին տարբեր րոպէ առաջուան խաղաղ իր շեշտէն: Պահակը հազիւ զսպեց իր անակնկալը:

-Ինչու՞դ է պէտք ո՛վն ու զովը:

Եղած էր կոշտ:

-Բանը մէջտեղն է, - մտածման թոնով մը, շարունակեց միամիտ պահակը, ու կեցաւ, վարանոտ, բայց քանի մը երկվայրկեան:

- Զօռով չէ եա:

Ցաւցնող կարծրութիւն կար իր շեշտին մէջ ու յանդիմանանք:

-Խօսքը կ՚անցնի փարայիդ:

Աւարտեր էր շատ գիտցող պահակը իր փաստարկութիւնը: Զգաց, որ եղած էր վիրավորիչ: Բաներ կան, որ բերնէ բերան նուիրագործուած, իբր նախադասութիւն, առած, փորձառական իմաստութիւն կը պառկին մեր անգիտակցութեան մէջ իրենց սկզբնական կաղապարով, - երբ տարազի մտան հարուստ մը բերնին մէջ ու տաղեցին 3 տկարին հոգին: Որքան ալ բարեացակամ ըլլանք, չենք կրնար խուսափիլ այդպ էս մարմնաւորուած տարազներուն ընդոծին ճնշումէն ու կ՚ենթարկուինք մտապատկերին, վիրաւորելով մեր դէմինը, երբ ատկէ հեռու էինք փարսախներով: Պահակը անդրադարձա՞ւ, որ փայտ էր կոտրած, երբ աւելցուց:

-Ձգէ կորսնցուր, հէ՛յ տղայ:

Արիւնը արիւնով լուալու ատեն չէր, ինչպէս կը մտածէր ու կը բանաձեւէր մութին մէջ կանգուն իմաստութեան արձանը, Յուսիկենց Ուստիանը:

-Չուխադ ալ կը բերեմ վաղը:

Կարծես կը խօսէր մինակը ինք իրեն:

Դրամը անանձն բան է ու հոգեկան մարզին մէջ անոր աղերսը մեր խորագոյն բջիջներուն` գրեթէ անկշիռ: Քիչեր զգածուին պիտի անոր կորուստէն այնպէս` ինչպէս կը տրուի ըլլալ ատիկա աւելի պարզ, մետաղօրէն աւելի քիչ արժող, բայց մեր հոգիին մէջ խոր տեղ մը գրաւուած ուրիշ բաներու կորուստին դիմաց: Մեր միտքէն չ՚անցնիր յիմարութիւն որակել այն յամառութիւնը, որուն համեմատ նիւթական հսկայ տոյժերէ վե րջ մենէ մէկը կը դիմանայ մենագար պատրանքի մը մէջ ու չի բաժնուիր մատնիէ մը, ասղանկարէ, աւելի քիչ` խեղճ նկարէ մը, վասնզի այս պարզ բաներուն շուրջը հոգեկան դոնդողացում է կատարւած, վասնզի անոնք մանրանկարներն են կեանքի մը, որ գնաց:

-Չուխա՜ն…

Որ Սողոմենց Սողոմը ընդմիշտ կը նետէր դուրս Նալպանտենց շրջանակէն…

Ելած էր ոտքի:

-Ո՞ւր:

-Չիյտեմ:

Բարիք մըն է մութը, որ կը գոցէր ողբերգութիւնը անոր դէմքին: Անոր այնպէս եկաւ, որ զառիվարին վրայ մարդեր կային քալող: Որ իրենց կուշտի պարտէզին թթենիները կ՚ալեկոծուին, առանց հովու: Որ ե տեւէն, գերեզմանէն շատեր ոտքի էին…: Պահակը մտաւ անոր թեւը: Անհակակշիռ սարսուռ մը ատեն-ատեն կը թօթուէր Սողոմին ամբողջ իրանը:

-Կը մսի՞ս:

Պատասխան չտուաւ: Բայց անոր սիրտը կ՚այրէր, շամփուրէ անցած միսի մը կտորին նման: Մէկէն յիշեց բանտի ընկերոջ մը տարօրինակ պատ կերացումը սանկ աչքին ու հոգիին մշուշւիլը, երբ անոր ծոցէն իր սիրածը առեր էին դուրսէն բազուկներ: Ինչո՞ւ այս զգայութիւնը կ՚ամրանար սա կէտին: Ու ինչո՞ւ մէկը իր սիրտը կը քաշէր կուրծքէն դուրս, անանկ խորունկ պատռելով միսերը, որ ցաւէն ակռաները իրարու կը զարնուէին: Ինքզինքը իր ոտքերուն վրայ ու խելքին մէջ զետեղելու համար` անիկա դպաւ իր վիրաւոր կողին: Պէտք ունէր այս շարժումին, չխենթենալու համար:

-Կամաց, Ուստիան:

Հրեց մեղմով թեւը ետ պահակին, որ անզգոյշ մատներով կը շօշափէր անոր կողը:

-Ինչո՞ւ կը դողաս:

Տեսաւ, որ իրաւ կ՚ըսէր պահակը

Պրկեց ինքզինքը: Իր ցաւերը օտարին մատնելու վախէն աւելի զօրաւոր էր միւս անդոհը: Կը կարծէր, թէ իր միտքը ծեծող պատկերները տեսանելի էին դուրսէն, այնքան մեծ լոյս կար, կրակի, հրդեհի լոյս իր գանկին տակ, իր սիրտին տունին մէջ: Յետոյ կը տառապէր նոյնքան հզօր ուրիշ սարսափէ մը: Հեռանկար մըն էր ատիկա, երէկ անգոյ, հիմա` մօտեցած, իրաւ, հարկադրող: Նոր ժմնող ամէն տղայ ինքզինքը ազատ կ՚ընդունի այդ պարտքէն: Բարքերը այնպէս մը դասաւորած էին դէպքերը, որ ամէն երիտասարդ պարտաւոր էր զգուշանալ ծեծ ուտելէն: Թուրքէն ծեծ ուտել ը անջնջելի դատապարտութիւն մըն էր, որմէ զերծ պիտի մնար ինքզինքին հաւնող ամէն տղամարդ: Թուրքին ծեծը կարող էին ուտել հարուստները, խելօքները, իրենց տունին ու գործին նուիրուած բանուկ-դատուկ արարածները: Իսկ անոնք, որ կանչուած էին լեռներու տիրելո¯ւ…: Տասը-տասնհինգ տարի առաջ թուրքերը, այդ ազատութիւնն ալ չէին ներեր: Հիմա անկանգնելի խորտակում էր ատիկա, վասնզի այդ օրէնքին զանցող ու թուրքէն, նոյնիսկ հզօր պաշտպանութենէ մը վերջ, ծեծ ուտող երիտասարդը առնուազն յաջող, այսինքն` արդարութեան ճանկէն ճողոպրող մարդասպանութեամբ մը կը փրկէր իր վարկը ու կ՚արժանանար լեռներու տիրակալութեան: Ամէն գնով Սողոմենց Սողոմը պիտի ջնջէր հետքը, յիշատակը ախոռի նուաստացման…: Անոր ոտքերը ամրացան: Գերեզմանը հեռու կը մնար: Այս ուխտին պրկումովն էր, որ անիկա ճամբեց Ուստիանը, կտրեց փոքր տարածութիւնը եւ հաստատ քայլերով առաջացաւ դէպի իրենց փողոցը: Ատեն-ատեն չէր կրնար չնայիլ ետին: Կը վախնա՞ր պահակէն, թէ ուրիշ մէկը կը կասկածէր:

Առաջին տունը: -Գերեզմանի տէրվէնտ ը, ինչպէս կ՚որակուէր գեղացիներէն, իբր վերջին բնակարանը գեղին ու նշանաւոր էր իր անդամալոյծ հսկողովը: Սեմի կուշտին պաշտպանուած երկկողմանի պատեկներու մէջ, ինչպէս մէջքէն կիսուած կուռք մը, անփոփոխ, կը նստէր հաճի Օհանը: Առտուն լոյսէն առաջ կ՚անցնէր անիկա իր տախտին, ու գիշերուան խորերը միայն կը քաշուէր բակ, դրան ետեւօքը, իր խշտին: Լոյսին հոն էր ան, աւուր պ ատշաճի շարականով մը - գոց գիտէր ամբողջ արարողութիւնը ու խաղ մը անգամ չէր շփոթեր եղանակներէն ու յովտ` բառերէն -, օրհնելով ստեղծողը, որ կը բանար օրուան վարագոյրը կրկին: Մութին` հոնկէ կը յայտնուէր անիկա նորէն, իր եղանակաւոր հազովը, փերթ-փերթ զատուող անոր մեծ կուրծքէն: Բարեւեց զայն Սողոմենց « պիւլպիւլը », ինչպէս կը կոչուէր հաճի Օհանէն: Սպասեց, քիչ մը նեղուած, փոխ բարեւը առնելու համար: Ծերունիները գերզգայ են ուշադրութեան պակասին դէմ: Դադրեցաւ հազը: Ուրախութիւնը չափ չունէր անդամալոյծին: Անառակ որդիին դա՞րձն էր ասիկ ա: Ձգեց շարականը ու բերան առաւ հայհոյութեանց այլապէս կենդանի, ճոխ սաղմոսարանը: Ու հակառակ հագին նիզակին` անիկա ամբողջացուց գլուխ մը, սիրտէն պաղշտկած ու օրհնելով Ամենակալը, որ զինքը հասցուցեր էր սա առիթին ու սա գիշերին: Սողոմը տրտում էր, կապուած անդամներուն մէջ ողջ մնացած սա զգայութեան, կիրքին, յուզումին պատկերէն: Թաղը կը ձեւաւորուէր: Աղբիւր: Ու տուներու օրինաւոր երկշարք: Կոյր, լուսով, ճերմակ, փայտահիւս պատուհաններ: Տանիքներուն քիւերէն կախ հէվէնկներ 4: Հարսներ ու պզտիկներ: Փողոցին` գիշերասկիզբի ծանօթ պատկերաւորումը: Պաղ էր իր զգացածը: Ետ դարձին տեսաւ Ուստիանը: Կու գար հետեւելու իրեն մինչեւ Սողոմենց տունը: Չբացաւ տղան իր բերանը: Բայց կը մտածէր իր մէջ կատարուող փոփոխութեան: Ի՞նչն էր, որ ըրեր էր զինքը այդպէս պաղ իրեն այնքան ընտանի, սիրական բաներու դէմ: Անիկա բաց գտաւ իրենց դուռը, ուրկէ սուզուեցաւ ներս, աճապարոտ, չըսելով Ուստիանին գիշեր բարին: Պահակը, քիչ մը դժգոհ Սողոմէն, բայց թռչունի պէս թեթեւ սուզուեցաւ իր ճամբան: Անիկա ուրախ էր մանուկի մը նման: Պիտի տեսնէ՜ր Նալպանտենց հարսը, քանի որ պաշտօն ունէր կատարուածը հաղորդելու հաճի Աննային:

Մեր տուները մեզ դժուար կը ճանչնան, կարեւոր բաժանումէ մը յետոյ: Սողոմենց Սողոմը կանգ առաւ բակին մէջ ու պաղեցաւ մինչեւ ոսկորները: Քանի մը անուշի հոտեր կը թափառէին աղքատացած բակն ի վեր: Յայտնի էր, որ մայրը ըրած էր այգեկութքը: Ախոռին մուտքին, որ հիմա սեղանատուն էր եղեր, կենդանիի չգոյութենէն, սեմին վրայ ուղղակի իր գլխիկը դրած կը քնանար ամէնէն փոքր եղբայրը, անմեղ, թուշիկը ուռած ու տարօրէն դալուկ: Ի՞նչ ունէր զարկած սա պզտիկին անգիտակ հոգին: Ուրիշ մը, աւելի մեծ քուրսի ն տուած կռնակը, բերանը բաց գոցեր էր աչքերը ու տրտում քունէ մը կը նայէր պարապին, բանաստեղծ մը պիտի ըսէր` անհունութեան: Երրորդ մը, բերանը բաց, հացի մը գունտին փակցուցած իր երեսները, ոտքերը աղեղած իր տակը կը պառկէր աջ կողին: Իսոտ լոյսին մէջ պատկերը իր տրտմութեամբ կը դպէր սրտի: - Սեղան չդրուած տունի տեսարան: Աղքատութիւն ու դժբախտութիւն: Բանտին մէջ ուզած էր մտովի տեսնել այս տղոց կերպարանքները ու չէր կրցած: Հիմա կը նայէր, բայց օտարի պէս: Չորցա՞ծ` կապերը, որոնք տունը, մթնոլորտը կը հիւսեն մեր եւ շրջապատողներուն միջեւ: Տխուր: Աղքատ: Պաղ: Ա՞ս էր այն պատկերը, որմէ խօսած էին ամէն օր իր ընկերներէն ոմանք, տունի տղաք, իրենց մօրը կապովը` ձգուած աշխարհքին: Կեդրոնի սիւնէն մուխոտ ճրագը կը սառէր, կը բարակնար, պլոր-պլոր կու գար ու կը մխար արագ ալիքով, թանձր ծուխի գոլ մը քաշած արդէն մութ գերաններուն ներքե ւ: Բուսաւ քոյրը, տասնհինգամեայ, այս տարի, Սուրբ Սարգիսին հարսնցու, լուրջ, ազնիւ, մօր մը պէս հոգածու, մայր` սա պզտիկներուն, այդքան մատաղ տարիքէն: Ուզեցին խօսիլ: Չկրցան: Սողոմը կը վախնար իր ձայնէն, որ կրնար չհնազանդիլ իրեն եւ ըսել ուրիշ բաներ: Քոյրը կը վախնա ր դալկահար, բարակցած, առիւծ դարձած սա երիտասարդէն, որուն աչքերուն նայող մը կը խրտչէր առաջին անգամ, ներսի կրակէն: Ձգտումը չտեւեց երկար: Կու լար միամիտ ու քաղցր աղջնակը, բայց առանց ձայնի, ինչպէս առանց ժպիտի: Նալպանտենց արգանդին պատմութիւնը հասա՞ծ էր մինչեւ ս ա անմեղութիւնը:

-Ո՞ւր է մաման:

-Ալանկը:

Լռեց: Խորհած էր Ուստիանին հետ իր ըրած շեղումին: Այն ատեն տեսաւ, որ աղբիւրին եւ սա տունին միջեւ իր հոգին անցած էր իրեն համար բոլորովին նոր կրակէ մը: Երանի տուաւ բանտին ու այն տարտամութեան, որուն մէջ կը թաւալէին օրերը: Բերանը մռլտաց.

-Վաղը` չուխան:

Քոյրը կը նայէր անձուկով, անոր երեսին կարդալով մռայլ այն էջը, որուն գիրերը կը գրէ ճակատագիրը իր անդարձ մատով: Կը վախնար զայն նստելու հրաւիրելու: Չտեսաւ աղջկան տագնապը ու ինքզինքը գտաւ գետին: Անդիմադրելի եղեր էր սպառումը:

Քովնտի, մէկ ձեռքը ջանալով բարձ ընծայել գլուխին, միւսին մատներովը ճմռելով, յիմարի պէս, բացուելու անկարող իր կոպերը, բռնեց ինքզինքը, շոգիացնելու համար թարթիչներուն լերկ խոնաւութիւնը: Պատճառ չկար այս արցունքներուն: Անիկա ի զուր փնտռեց առիթը այս լքումին, տկարացում ին: Տունը կը կոտտար անոր ուղեղէն: Ու կեանքը, այսինքն` տեւողութիւնը, որուն մէկ փշուրն էր ան, նեղ, աղտոտ, նետուած թուղթի կտոր մը թուեցաւ անոր աչքերուն: Ի՞նչ ունէր հոս, սա դժբախտութեան, աղքատութեան, իսին ու ցուրտին մէջ (ոսկորներուն մէջ պաղ բան մը կը մզմզար, ծեծին հեռաւոր հեւքը): Բայց չկրցաւ դիմանալ մտածման սա կեղծիքին դէմ: Վասնզի այս դառներանգ պատկերները կը ծածկէին, գէթ ծածկել կը ջանային այն լուսաւոր, գեղեցիկ, շքեղ տեսիլքը, որ անոր ուղեղը բռնկած կամարի մը նման բարդեր էր ուսերուն: Նալպանտենց տո¯ւնը: Ճոխութիւն ու գորգ (ինչո՞ւ չէր տեսներ իր խշտին, ու շունը կապէիր` չէր կենար): Աչքին դպաւ քոյրը, ջնջուած, քիչ, աղջիկ իսկ ըսուելու համար տակաւին ոչ-հասուն: Յիմա՜րը: Փակեց արագ կոպերը ու լուսնոտի մը պէս դողդողաց լիալուսին պատկերէն, որ Նալպանտենց հարսն էր, ամբողջ, լաթ ու մարմին, շունչ ու ջերմութիւն, բազուկ ու տարփանք:

Հազիւ պատասխանեց մօրը, որ սառած մնացեր էր, սեմին տեսնելով իր զաւակը, գլուխը ձեռքին, աչքերը գոց ու ատեն-ատեն ցնցուած խուլ սարսուռով մը: Մեռե՞լ: Ո՞վ էր թաղւած գերեզմանին մէջ, որպէսզի սա տունը թելադրէր մթնոլորտ մը մահուան: Մայր ու աղջիկ հաւաքեցին գետնի տղաքը ու դրին իրենց մինտէրներուն վրայ: Յետոյ` աղջիկը հարցուց.

-Անօթի չե՞ս, աղբօր:

-Չէ, ըսաւ, առանց աչքերը բանալու:

Անօթի՜: Բայց սովալլուկ տղան էր անիկա, պապուկներուն պապուկը: Ուզա՞ծը: Հարկ չկայ անգամ մըն ալ կրկնելու: Որքա՜ն կը փոխուինք, մեր սիրտը երբ տուն կը փոխէ…

Գիշերը անցած էր շատոնց իր կէսէն: Իր հօրը սենեակին մէջ, խորը այն անկողինին, որուն մէջէն երանելի մարդը հեռացեր էր ցաւի սա աշխարհէն, Սողոմենց Սողոմը չէր կրցած թարթիչները զատել իրարմէ: Հարիւր անգամ պատնուած հայրը եւ Նալպանտենց բազմոցին վրայ երկարած միւս ճերմակ ձեւը, իրարու հետ հիւսուած գրեթէ, եկան, անցան ու վերադարձան անոր ճակատին ներքեւ: Հարիւր անգամ անիկա դեռ անխախտ մնացած իր հաւատքին դիմեց, երկինքին օգնութիւնը աղերսելով, որպէսզի քիչ մը հանգիստ գայ սա սրտին: Ան իկա լքուած էր հօրմէն, Աստուծմէն: Անոր տանջուած մարմինը կը նմանէր հեղեղատի մը վրայ մէկ եզրէն միւսը նետուած իրանի մը, զոր կու գային կոխկռտելու ուրուականն ու տեսիլքը: Տենդը կու տայ այս զգայախաբութիւնները: Այն ատեն յիշեց բանտին չոր տախտակը, վրան` իր քո¯ւնը, լուսաւոր` այնքան անուշիկ բաներով, որ իր ընկերները կը մխտէին կուշտէն, արթնցնելու համար:

Անիկա չորս անգամ ճամբու դրաւ մայրը, որ քովի սենեակէն մատներուն ծայրը կոխելէն փորձ կ՚ընէր գալ զաւկին սնարին: Կարօտը կար անոր մէջ այն գգուանքին, որով անոնք, էրիկ ու կնիկ իրենց գիշերները կը կիսէին, երանելի օրերուն: Կ՚ընէին ատիկա, իրարու ետեւէ, կոկոզած անոր գլխուն: Հա՜յրը` որ կը համբուրէր տղուն մազերը, լալու չափ յուզուած, ով գիտէ ի՜նչ խորունկ անթելներով տպաւորուած սա ու աւելի վատ օրերէն, որոնք ժամանակին իլիկին վրայ, բամպակի մը փրփուրին պէս կը մնան խուլ, սպասելով մատին, որ այդ փրփուրը պիտի վերածէր կեանքին բոլոր ցաւերուն ու վայելքներուն: Հայրե՜րը, երբ իրենց տղոցը քունը կը սիրեն ու անոնց օրերուն անպարագիծ առեղծուածը թափանցել կը ջանան: Մայրը կը շոյէր անոր մազերը, դողահար ու տրտում, առանց պատճառի, կարծես այդքան կանուխէն նախազգալով աղէ տը, որուն սահմանուած էր իր տղան:

Երիտասարդի անկողին: Պակաս անկողին: Քունին նահանջը հետզհետէ վերածուեցաւ հասարակ, եփող տանջանքի: Ըսես ասեղներու տակառ մը ըլլար այդ անկողինը, մանկութեան օրերուն անոր մտքին կառչած պատկերէ մը - որով հրեաները քրիստոնեայ տղաքը կը ս պաննեն, արիւննին ծծելու համար - ու անոր մարմինին մերկ տեղերը կ՚այրէին ու՛ր որ քսուէին: Տաք կը զգար, մա՛նաւանդ, ամէնէն շատ, ափերը, որոնք կը պտըտցնէր անկողինին մասերուն: Բա՛րձը` որ ճերմակ կրակ մըն էր, մատուցուած իր ծոծրակին երեսներուն: Սաւանները, վերմակը, որոնք կրակէ պատանքի մը մէջ առեր էին զինքը: Տապլտուկը բառ մըն է, հնարուած` այդ վիճակներուն արտայայտման: Տե՞նդը: - Յստակ հիւանդութիւն մը ունի իրեն ընկեր: Ո՞ր երիտասարդը պիտի ընկճուի հոգեկան ցաւէն: Դիտուած է, որ շատ ապրիլը քիչ զգայուն կ՚ընէ մարդը: Բայց չէր խորհեր անիկա իր կերած ծեծին, մկաններուն ու ոսկորներուն անկարելի նահատակութեան: Անկողինը ջիղերուն բոլոր զայրոյթը ոտքի էր հաներ:

Ո՞վ փակեց անոր թարթիչները: Լուսդէմին էր ատիկա: Անոր մէջ տարփանքը, հետզհետէ պահանջկոտ, վանած էր մարմինին միւս բոլոր զգայութիւնները, ու կոխած` անոր հոգիին, հսկայ, անողոք ու յիմարցնող: Այդ մենութեան զգացումը չես գիտեր ի՛նչ հրաշքով անիկա գտաւ պատկերի մը մէջ, դարձեալ պատանութենէն ու ժամուն շրջանակէն: Չորս տարի, Զատկի ու Ծնունդի ճրագալոյցներուն` անիկա կարդացեր էր Դանիէլի գիրքը եւ գողացուցա ծ` պատերուն ձուաձեւուած մարգարէները: Ու անոր ուղեղին մէջ քանդակուած կը մնար անհեթեթ պատկերը`

Բարձրութիւն նորա վաթսուն կանգուն`

Եւ լայնութիւն նորա կանգուն վեց…

Ու անոր սիրտը նման էր մարգարէին նկարած դաշտին: Բիւր-բիւր մարդեր, դառնալով շուրջը արձանին, որ կը բռնանար, խարիսխները արմատած անոր սրտին, տարօրէն մեծ, տանելու համար ահաւոր ճնշումը: Բա՛ն մը` որ չկար, բայց կը պաշտպանէր զինքը, շրթներուն մօտ, վերցնելով ահագին արձանին կշիռը: Գգուա՛նք մը` որ կը հովահրէր, առանց իր աղբիւրը մատնելու ու կը մօտենար շատ, յիշեցնել ու չափ Աստուածածնայ գիշերները: Ա՛փ մը: Քիչ-քիչ անիկա եղաւ ամբողջական ձեռք մը, մանր, ճերմակ, լեզու ունեցող եւ որուն ընտանի էին իր շրթները, երբ ծծեր էր անոր մատները, տարփանքէն խենթ, պարպելու համար ասոնց դիւթքը ու հասկնալու համար միսերուն պատգամը կնոջ մը մարմ ինէն…: Մինչեւ որ ամբողջացաւ տեսիլքը հագնելու համար պատկերը Նալպանտենց հարսին` անիկա անցեր էր անհուն պապակին, անհուն անձուկին, ու լոյսին, ու բեկումին, արիւնին ու կրակին, արքայութեան ու ոճիրին բոլոր իրերայաջորդ բաւիղներէն: Ինչպէս բռունցքի մը մուրճով անիկա թօթուեց հսկայական արձանը, որ փոշիի ամպի մը պէս ցնդեցաւ ու, ինչպէս հեքիաթի խորխէ մը` բուսցուց մերկութիւնը Նալպանտենց հարսին: Ինչպէ՜ս անիկա մտաւ բազուկներուն մէջը իր երազին: Բայց ո՞վ արթնցուց զինքը: Ո՞վ էր առաւ կնիկը անոր թեւերէն: Տեսիլքին այս հոծութիւնը զինքը կ՚ընէր շփոթ ու անստոյգ: Քո՞ւն, թէ արթուն: Իրողութիւն էր, որ անոր աչքերը գոց էին ու գանկին տակ կը շարունակուէր տարօրինակ մենապատկերը: Անիկա առաւ անդիմադրելի դիմայեղումներ, ա՛յնքան` որ զգացած յուզումները, իրենց ուժգնութեամբը տասը քուն ալ կարող էին պատռտել ու: Քուն, արթուն: Եղերական տեսիլքը այնքան հաստ գիծեր ունէր անոր մատներուն տակ, որ սոսկումէն բացաւ աչքերը: Ո՞ւր: Անիկա կորսնցուցած էր տեղի գոյութիւնները ու ժամուն վերնատունը պտըտելու յստակ գիտակցութեամբ մը ողողուած կը մնար: Նոյն ատեն իր անկողինը կ՚այրէր իր կողերը, աղիւսի փուռի մը մօտիկ փռուած, ու կարմրած հողէ յօրինուած: Բայց փոքր լուսամուտը սենեակին, մութին վրայ փակցուած աղօտ էջի մը նման կը թուլնար, ճերմկիլ ջանալով, առանց հերքել կարենալու խաւարին իշխանութիւնը: Ու կը խուժէր իր վրայ անլուր մղձաւանջը, խառնելով իրարու ծեծին ախոռը, ժամուն վերնատունը, Նալպանտենց հարսին սենեակը, արտակարգ արագութեան մը մէջ, ընելով զինքը ակնթարթի մէջ իր անցեալին տղան, ամբողջ ու անկասկած: Ու կը տրորէր զինքը մղձաւանջը, անսովոր կատաղութեամբ մը, փշուր-փշուր խորտակելով անոր ջանքերը` գիտակցութեան խլեակի մը կառչելով, վանելով իր թաթերով իմացականութեան սլաքը ետ, վար, դէպի խորերը, վիրապները, միսին կոհակներուն, անդունդներուն: Մինչեւ որ պարտուեցաւ անիկա լիակատար ու անդիմամարտ: Սրբուեցան միւս ծուէնները տեղի կամ զգայութեան: Անիկա Նալպանտենց տունն էր, դանակը քաշած, իրական, փայլով ու կարմիր: Անիկա նարինջ մը ճեղքելու նման բացաւ Աղուորին կուրծքը, երկու ծիծերուն մէջտեղէն, մխեց երկաթը ու հանեց դուրս անոր սիրտը: Ցաւը այնքան ուժով էր, որ ձեռքը դրաւ սեփական սրտին, արգիլելու համար անոր հաւանական ոստումը դէպի դո ւրս: Նոյն ատեն անիկա կը շփոթէր ո՞րն էր իրը, ձեռքի՞նը, թէ կուրծքին տակինը: Չքացան հարսին մարմինը, սենեակը, ոճիրը, ցաւը: Բայց կը դիմանար տեսիլքին միւս մասը, որուն մէջ անիկա, սառած, կը նայէր ձեռքին մէջ դեռ բաբախող միսի կտորին: Փոքր, սուր իր ծայրովը, այդ սիրտը նման էր իր տեսածներուն, այնպէս որ, անոր դժուար կու գար հաւատալ անբաւ այն բաներուն, որոնք կրնան սեղմուիլ այդ փոքր ծրարիկին ծալքերուն: Ա՛փ մը թաւիշ, որ ազգերուն բոլոր լեզուները լեցուցած է իր ուժին, խենթութեան, խորութեան, նուիրումին ու դաժանութեան հեքիաթներովը: Անիկա կը նայէր անոր կոնաձեւը հագուեցնող թրթռուն ծիածանին, որ կը հիւսուէր, անվարան ու անշեղ, թաւիշի երեսին պաղող կաթիլներէն, հպատակելով անտես` բայց պայծառ ուռնակի մը զարկին: Ինչո°ւ թաւիշի յաճախանք մը: Չէր կրնար անշուշտ այդ խռովքին մէջ, վերանալ պահէն ու գտնել հարսանեկան հալաւները, որոնք արնագոյն վառի մէջ հարսներուն թաւիշ զգեստները կը պտըտցնեն թաղերէն ու տղոց, արբունք վազող տղոց ուղեղը խորախոր կը յուզեն: Բայց ահա աւելին: - Ամէն մէկ կաթիլէ, ինչպէս կակաչին փակ կճեփէն ցայտող, ինչպէս մանրանկար տիեզերքէ մը` անիկա կը ճանչնար բացուիլը, պարզուիլը իր ըղձանքին կերպասներուն, բոլորն ալ հարազատ, Սողոմենց տղու հոգենիւթով: Ի՜նչ խատուտիկ, ի՜նչ գողտր, ի՜նչ մանկունակ են մեր փափաքները քսանէն ասդին: Բայց անոր աչքին` մէկը բռնեց դաստառակ մը, ու հանգիտօրէն, կայլակէն բացուող ամէն կերպասի կեդրոնին, ձուաձեւը Աղուորին դէմքին, շա՛տ, շա՜տ, դուն ըսէ հարիւր, ինքն ըսէ հազար, տարօրէն նման իրարու, իրենց շրջագիծով, բայց աննման` իրենց իմաստին, դիտողին վրայ իրենց թելադրումին պարունակէն: Ո՞վ մօտեցուց իր մտքին սա մտածումի նման բանը` որուն համեմատ այդ տարբերացումը հիմնական փաստը կը կազմէր մարդերուն ծիծաղելի պատրանքին: Այդ չէ՞ր կնոջ մը ճակատագիրը, անոր գիշերներուն անթափանց առեղծուածը, որ այդ կերպով հասկնալի կը դառնար: Ինչպէ՜ս ամէն օր նոյնը չմնացող ձեւէ մը մենք կը հանենք նոյնութեան զարմանալի զգացում մը: Քսան տարի երբեմն մեր շրթունքները գիծ մը իսկ փոփոխութիւն չեն հաստատեր մեր սիրականին շրթներէն: Ու կիներուն օրերը բացուին պիտի այրերու սիրտին, այս կախարդ պրիսմակով պաշտպանուած: Ճիշդ է պատկերը նաեւ կիներուն լուսարձակէն: Խորքին մէջ նոյն, տպաւորութեան մէջ նորէն նոյն, այո՛: Որպէսզի տեւէ պատրանքը ու մարդիկ գրկեն զայն ու չուզեն հասկնալ խաղը: Հաւաքեցէք թերթերը սա երազին: Սա կերպասներուն: Ձեր կազմած հատորը կեանքն իսկ է: Սողոմենց տղուն մէջ շարունակեց կայլակումը: Դրաւ անիկա Աղուորին սիրտը ոսկեթել, դարձեալ թաւշեայ պահպանակի մը վրայ, որով քահանան սկիհը, Աւետարանը, մասունքները կը պտըտցնէ: Ո՞ւր էր: -Կիներուն վերնատունը: Տիրացո°ւ: Առջեւը այն նկարին, որ ամէնէն տպաւորիչը եղած էր անոր պատանիի ուղեղին: Ով գիտէ ո՛ր մեղաւոր կինը, տարիներ առաջ, քայքայած էր անոր շրջանակը ու այրած անոր այն մասը, որ կը պատկերէր Հերովդէսը, կինը եւ քանի մը նաժիշտներ: Հիմա, կիներուն վերնատունը, նետուած անկիւն մը: Հնօրեայ այդ նկարը որքան խռոված էր զինքը, երբ արբունքի առաջին ձայներուն հետ անիկա զգալ էր առէր կիներուն ուժը: Տգեղ ու փայտ սկուտեղի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտիչին գլո°ւխը: Մարմինը, գաճաճ, մերկ, մէջքին վրայ ուղտի մորթի մը: Կաթիլի կիսաղեղներ, ճիշդ այնպէս` ինչպէս Աղուորին սիրտէն: Բայց ահաւոր էր գոց նայուածքը սկուտեղին վրայէն, ու աչքերուն բարակ պատանքէն մարդ կը զգար սարսափը, որ կը մնար վարագուրուած: Նկարիչը տուած էր այդ աչքերուն այնպիսի° ուղղութեան գիծ, որով անոնք իրենց սլաքին տակ կ՚առնէին կիսասքող ձեւ մը կնոջ, ոտքերուն հիւսուած դասակ մը դեւերու իրերանցիկ, բազմախռիւ պոչերովը: Կինը, քովնտի հանելով իր զիստին մէկ ճակատը, փախուստի եւ անդոհի իբր արտայայտում, ի բր թէ սառած, կը մնար կանգուն, սանդարամետին վերեւ: Անոր մարմինը բխում մըն էր դժոխքէն, ոստումին մէջ քարացած բան մը ու կ՚արտայայտէր անբացատրելի մարդկայնութիւն մը: Գո՞հ: Երջանի՞կ: Տարուա՞ծ: Տառապո՞ղ: Կիներուն մերկութիւնը չէ սպառած նկարիչներուն տարրերով: Հակառակ իր բոլոր ջանքին` միամիտ արուեստագէտը չէր յաջողած անոր դէմքը վերածելու գարշանքի դիմակի մը: Հակառակն էր, որ ճիշդ էր, քանի որ, ով գիտէ ո՛ր սատանային փոքր մէկ հպումովը արուեստագէտին վրձինը նետեր էր կտաւին վրայ լոյսի շերտ մը, որ անոր այտերը կ՚ընէր անգոյ, գրեթէ երկնային խմոր մը: Ճերմա՞կ. կարմի՞ր. անկարելի էր ճիշդ անունը տալ այդ միսի կտորին, այնքան տիրողին աչքերէն դէպի հոգին անօրինակ զգայութիւններ կ՚ոլորէ անիկա: Մինակ ատ չէր վտանգաւորը, անպիտան այդ կտաւէն: Լոյսի ուրիշ խաղ մը անոր շրթներուն տեղը դրեր էր միսի վաւե րական շերտ մը, խենթեցնող ջերմութեամբ ծծելու վրայ առնութիւնը միջոցին, մորթուողին, մորթողին նոյնիսկ զինքը հիւսող սատանաներուն: Ով գիտէ քանի՜ դար անցեր էին այդ կրակին վրայէն, առանց մեղմել կարենալու դժոխային այդ առքը: Պատկերը այրող կինը - աւանդութիւնը զայն մեղ աւոր կ՚ընէ, բայց կը մոռնայ մեղքին անունը - հաւանաբար տառապած ըլլալու էր ամէնէն շատ այդ միսերուն անյագուրդ ախորժակէն ու ինքզինքը խարանելու պատրանքին մէջ, յարձակած` մոմով, պոռնիկին վրայ: Ինչպէս խեղճ ու միամիտ ենք, երբ մեզ պատուհասել կը փորձենք: Սողոմենց տղան սաղմոս կը քակէր քառսուն գլուխ, ամէն անգամ, որ այդ շրթունքներուն բացուիլը զգար դէպի իր հոգին: Ու ամէն պատանի նոյն ուժգնութեամբ պիտի համբուրէ պատկերն ու իրականութիւնը, ժամուն նշխարքը ու առաջին այտը իր սիրածին: Բայց նկարին է՛ն հզօր մասը կը կազմուէր աչքերէ. կարմրած կրակի կտորներ, առանց ծիածանի, մոխիրի ճերմակ խաւով մը, բիբ տեղ ունենալով սեւ շամանդաղներ, բայց այնքան խորունկ, խօսուն, տանող, որ վախէդ կը գոցէիր աչքերդ, չքալելու համար դէպի այդ թրթռուն ձգողութիւնը: Այս կեդրոնական կէտերէն դուրս, մա՛նաւանդ յատակի դժոխք ը, գլխուն կէսով այրած Հերովդէսը, հեռանկարի պալատին բողկի ձեւ գմբէթները կը ստեղծէին հզօր տգեղութիւն մը, անհամաչափութեամբ ու իրազանցութեամբ դէպի հեքիաթը հոսող ու դիտողն ալ հետը քշող: Պատկերին քաղցրագոյն մասը պարող կնիկին ընդհանուր ցայտքն էր զիստերէն վեր ու գ լուխէն վար: Ինչպէս քողերուն ձիւնէն` անոր թեւին միսերը կը զատուէին. կը ձեւուէին, մութ սպիտակութեամբ մը, սուրնալով դէպի ձեռքերը, յետոյ մատներուն ծայրերը, որոնք ճիրանի մը սուր, բզկտող, ճմուռ-ճմուռ բերող նկարագիրը կ՚առնէին մէկէն. լարուած` տրորելու բոլոր սիրտերը, ուղեղները: Ու քողերը կը փաթթէին անոր կուրծքը, որ չկար ով գիտէ ի՛նչ խորհուրդով: Ամէն անոր մօտէն անցնելուն` Սողոմենց պատանին շփուած էր գրեթէ մեղքին պատկերին հետ: Իր սրունքները, անուժ, կ՚իջնէին վերնատան մութ սանդուխներէն ու կիներուն քսուելու հզօր վախով, բայց պապակով անիկա կը փախչէր դէպի դասը, հերկուած ներսէն սուր սլաքովը սեռական զգայութիւններուն, սարսափելով ինքնիրմէ, բերանէն` որ հրեշտակներու ուղղուած մեղեդի մը կը հոսէր` հսկուած սանդարամետին գալարափողէն: Այս ամէնը, մօտաւոր անցեալին թարմ գծագրութեամբը, մեղքին ստոյգ գիտակցութեամբը, Նալպանտենց Աղուորին ու Աւետարանին Սողոմէին հուժկու կնիքո՛վը: Անիկա փնտռեց սիրտը ու չգտաւ դաստառակին վրայէն: Ու կ՚ուզէր փախչիլ, առանց յաջողելու: Որքա՛ն տեւեց այս կիսանուրջը: …Եղաւ անիկա Սողոմենց տղան, յստակ, բանտէն դարձող, մօրը տունին մէջը պառկած ու վռնտուած Աղուորին ծոցէն: Զայրոյթ, ատելութիւն, Նալպանտենց Սերոբ, հաճի Աննա, - ասոնք վաւերական գիծեր էին, որոնք կը բռնկէին իր թուհուբոհին մէջ: Շփեց իր թարթիչները ու պատռտեց մղձաւանջին կպչուն, ձիւթոտ թեւերը…: Մօտ էր լոյսը բոլորովին: Վերմակի ն տակ փոթորիկ: Սիրտը` ինքզինքը կորսնցուցած, խենթեցած, մօտ` խորտակուելու: Շունչը բարակ, կտրտուած թելի, դերձանի մը նման, փթթուկ: Պատին լոյսը ճերմակի մօտ էջ մը թուղթ եղաւ: Աքաղաղներ: Կենդանի ձայներ: Կոչնա՜կը: Գե՜ղն էր: Անոր մտքէն մշուշը լուծուեցաւ հետզհետէ: Ու արեւէն առաջ արեւ էր անոր մէջ: Աւլուա՞ծ` հոգի՛ն, աշխարհին ու գեղին նկատումներէն: Նալպանտենց հարսը` միս-մինա՛կ, տէ՞ր` անոր երկինքին վրայ: Ո՛չ գեղը, ոչ ալ անոր բիւր-բիւր օրէնքնե՞րը, պսակն ու Աւետարա՞նը: -Րոպէ մը հաւատաց անիկա այս մենաւոր պայծառութեան, որով միայն կը շինեն տղաքը իրենց հոգիները: Երիտասարդը երբեմն իր ուզածը պիտի ուզէ այս մերկութեամբ, վճռականութեամբ:

Բայց ե՜րբ է բաւեր ուժգին ուզելը: Ուժգին ջիղերով կը սպասարկուի մեր կամեցողութեան ջաղացը: Ու մեր ջիղերը որքան ալ խոր սնուցանենք մեր միսերուն թոյլ գգ ուանքի մէջ, անոնք կը պահեն իրենց անարիւն սիւնակները, փրթուկ ու խեղճ, ու կը լքեն մեզ վտանգի պահուն: Մարդերը տարբերող ուժերը, մասնայատկութիւնները քիչ անգամ փնտռեցէք անոնց ուղեղներէն: Ջիղե՜րը: Մենք հէնք ենք անոնց կծիկին: Ու մեր արարքներուն նկարագիրը կնիքը կը կրէ անոնց մարզումին: Ապրումը այն բարեխառնութենէն է, որուն մէջ կը հրաշինուին անկշիռ այդ դերձանները ու կը վերածուին արիւնի, տաղանդի, ստեղծումի ու աղէտի:

Հա՞ստ, բարա՞կ, կամ կրկնո՞ղ նախահիւթը, որ կը կազմէ ցեղերուն հոգին, ու այդ գիծով` անհատներուն: Ատ չէ հիմնականը: Հիմնականը մարզանքն է, դէպքերուն հեղեղը, աշխարհի բիւրաւոր աղբերացումները, մեր ներսին անայց անդունդները ու շրջապատին ճահիճները, որոնց մէջ մեր կիրքերուն հիդրաները կը յօրանան, կը կանչընան ու կը զգլխեն մեզ դէպի կործանում ու կոտորած: Դէպի բարիք կամ զմայլանք: Դէպի արուեստ կամ սրածութիւն: Ամէ՛նը` ջիղերով: Նայեցէք մեր պատմութեան: Ոեւէ ժողովուրդ պիտի յոգնէր ի վերջոյ, այդքան ընդարձակ ծաւալով ջարդի մը նկարէն: Բայց թուրքերը աչք անգամ չթարթեցին, վասնզի դարերու մարզանք մը ունէին իրենց ջիղերուն ետին: Սողո՞մը: Բանտը, ե րազի մը պէս, հաւաքական բարեխառնութեամբ, բակն իսկ չէր կազմեր ապրումին հսկայ կաթողիկէին: Ախոռին ծե՞ծը: Անշուշտ քայլ մըն է անիկա, դժբախտաբար արժէքով վիրաւոր, վասնզի ջիղերէն աւելի մկաններուն կ՚ուղղուի անոր սլաքը: Մեր ջիղերը մեր հոգիներուն հնոցին մէջն է, որ կը մարդկայնանան: Ու արուեստագէտը որքան մօտիկը կենայ ներքին կրակին այնքան անոր ջիղերով շողարձակուած իրողութիւնը պիտի ըլլայ սրտառուչ ու իրաւ: Քիչ առաջ, իր սիրած կնիկին պատկերին տակ, աշխարհը ընդոտնելու յանդգնող տղան, հիմա ինկած էր գետին, նոյն այդ հաւատքին, յիմարութե ան, յանդգնութեան ծանրոցէն: Ու ջախջախիչ բան էր Սողոմին համար զգալ անյուսութիւնը, որ դրած էր ծունկերը անոր կուրծքին, ինչպէս կ՚ըլլայ ատիկա ըմբշամարտութեան տեսարաններուն, ինչպէս կ՚ըլլայ ատիկա, երբ մեր երազը կը զգետնէ մեզ, թշուառական անկողնի մը պատանքը դրած մեր կուրծքին վրայ: Բայց սպաննող բան է տակաւին, ստիպուած ըլլալ անցնելու, անյուսութենէն ալ անդին, այսինքն` գիտնալը, թէ ամէն բան կայ, ու կայ այնպէս` ինչպէս կ՚ուզես դուն միայն, ոչ թէ քեզի` այլ ուրիշներուն համար: Մահուան արհաւիրքը ետ կը մնայ այս կարգի զգայութեանց յարուցած մղձուկէն: Անոր հետ կը հաշտուինք առաջին լուրջ բախումին: Չհաշտուողնե՞րը: Այսինքն` բոլոր Սողոմները, բոլոր յամառողները, բոլոր խենթե՞րը: -Այնքան քիչ են, որ կը մեռնին, օրէնքը ապացուցանելու համար: Սողոմենց տղան նստաւ իր խեղճ անկողինին մէջ: Անոր ականջներ ը տակաւին կը ճուային իր խորունկի խուլ ձայներէն: Ու անոր ակնարկը Սողոմէին պատկերէն Աղուորին պատկերին կը վազէր այնպիսի` յուսահատութեամբ, այնպիսի` ծարաւով, այնպիսի` անկարողութեամբ, որ միտքը կը պղտորէր: Լուսցաւ:

Ե՞րբ` հագուած, լուացուած, դուրս էր նետուած տունէն: Չկրցաւ հաւաքել, վերակազմել տեւողութեան այս սանտրը: Այգեկութքի հեշտ առտու: Դուռներու կուշտին, քաղցուն եփելու համար մեծ օճախներ լիաբոց, իրենց վրայի կաթսաները ընելով սեւ, կարմրաւուն, շոգեպինդ: Պառաւներ, քամոցը ափերնին, կը հովէին եռացող հեղուկը: Գեղին ամէնէն գողտր զգայութիւնները զուգորդօրէն կապուած են այս տեսարաններուն: Բոլոր բերքերէն ամէնէն քիչ դրամ հոտողը ու ամէնէն շատ սիրտ, ներքին լայնք, տունի կարեկցութիւն թելադրողը այգեկութքին օրերն են: Գինին չէ սկսած: Բայց քաղցրութիւնը կը բռնէ բոլորին ալ հոգին: Օրերով չի նստիր հոտը քաղցուեղէնին եւ պտուղի քանդակներուն: Ու թաղէ թաղ կը պտըտի առատ ու գոհունակ իսկութիւն մը, որ մեր գեղերուն հին փառքը դեռ կ՚ուրւաձեւէր իմ իսկ օրերուս: Պահը շատ կանուխ ըլլալուն` Սողոմենց Սողոմը չտեսաւ օճախներու կուշտին մանուկներու այլապէս թելադրիչ երամակը, երբ անուշոտած իրենց երեսներուն վրայ թռիչք կ՚ունենան ճանճերն ու մեղուները: Ոչ մէկ հարս: Փոխարէն` գունաթափ ծերերը, աչքերնին ուռած մուխէն ու հսկումէն: Սրտագին եղաւ անոնց մաղթանքը տղուն բարի գալուստէն, ինչպէս անհանդուրժելի` անոնց պապակը լուր առնելու: Ժամանակները տարօրինակ գնացք էին առեր: Գեղը կը տառապէր համայնական ցաւերէ: Հասուն տարիքը` մղձաւանջին տակն էր պետութեան հարկին ու տանը հացին, երկուքն ալ հետզհետէ աճող, հողին նուազումին հետ համեմատական ուժգնութեամբ մը: Երիտասարդները` հերկուած խուլ յուզումներով, գեղէն դուրս, լեռներուն ու թումբերուն թշնամինէն հնձուած արենակիցներուն մահովը: Ծերերուն ու նոյնիսկ պառաւներուն մէջ սպասումի մը մեծ անդոհը, որ անծանօթ էր անոնց երիտասարդութեան եւ զոր մղած էին դէպի անոնք խղճմտանքը յեղափոխութեան ու Հայկական սարսափներուն թեւերը: Թուրքերը միայն հաւատքին ու պատիւին թշնամիները չէին հիմա: Ու հա՜յն ալ մինակ չէ անոնց եաթաղանին դէմ, ինչպէս ջանացեր էին հասկըցնել կտոր-բրդուճ էֆէնտիները, որոնք Պոլսէն կու գային եւ պետութիւններուն «նոթա»ները իրենք խմբագրածի պէս կը մատուցանէին «Բարձրագոյն Դուռ»ին: Բացուող ամէն օրէ անոնք յոյսեր ունէին, մեռնելու աճապարանքին մէջ, ամէն մէկը մէյ-մէկ Սիմէոն Ծերունի կտրած: Ամէն ճամբորդ, քանի որ կու գար, բարով կու գար, իրեն հետ` շէն աւետիս մը: Զարմանալի էր, որ չուզէին թուրքին ջնջումը եւ ուզէին իրենց ազատումը: Բանտէն եկո՞ղը: - Պարտաւոր էր խօսելու եւ լուսաբանելու: Առաջին համայնական դէպքն էր, որ կը զարնէր գեղը այսքան խորունկէն:

Սողոմենց տղան ակնարկէ, ձայնէ, պատասխանէ խոյս տալու համար շեղեցաւ մեծ փողոցէն: Առանձնութիւնը երբեմն պահանջ է բազմամբոխ հոգիներուն: Առած էր անանցանելի բաւիղը կանգուն մը լայնքով, զոր երկու կողմէն հսկայ պատեր սեւ թուղթի քարգոնի մը պէս կը սեղմէին: Կոյանոցներու ընդունարան էր անիկա, աղտոտ, խոնաւ, հոտած ու տխուրէն անդին, լալկան յատակով մը, քակորի, աղբի, ամոնեագի լացնող հոտերով ծանրաբեռն: Տան ետեւները կը շինեն այս անցքերը դէպի պարտէզները: Հոն մտնող մը, մոլորող մը, աչքին շատ բան առած կ՚ըլլայ, առնուազն դանակը հանդիպող առաջին արգելքին` սիրտը խաղալու վճռական կամքը:

Գեղէն դո¯ւրս: Առտուն չէր շինուած տակաւին: Արե՜ւ, լուացուած մետաքսի բարակ մազի մը նման, լիճին վրայ փռուած ու լեռներու կատարին, ծառերը հարս ընելով: Հոն ալ զգուշացաւ անիկա բանուկ ճամբաներէն: Դէպի մենացում սա շեշտուած փափաքը վերջապէս գրաւեց իր ուշադրութիւնը: Բայց չզարմացաւ: Անիկա արդէն ինքզինքը կը ճանչնար իբր անցոյց մէկը, առաւելապէս ներսէն ապրող տղոց, որ պէտքին առջեւ միայն պիտի բանան աղեղը իրենց հոգիին կամարներուն: Անիկա անդրադարձաւ նաեւ տարակարգ այն պրկումին, որ անոր քայլերը կ՚ընէր նեղ, ոտքերը` ծանր ու կարծրացած: Պարտէզէ պարտէզ: Խրամները ցատկելու համար անսովոր ուժ հանելով ոտնակապի մտած իր սրունքներէն, ու հազիւ գիտակցելով այս հակադրութեան: Անիկա չէր գիտեր, որ մեծ պէտքերու ատեն մեր մարմինը կը կրկնէ իր տարողութիւնը: Ու այգիէ այգի, հետապնդելով բլուրներու խոնարհման գիծերը, անոնց իրերհանդիպումը, ուր հեղեղին տուրքը գետինը ըրած է հարուստ, ու բուսականութիւնը` զօրեղ ու բարգաւաճ: Չէր գիտակցեր այս հակումներուն: Մենք երբեմն շուքը կը փնտռենք զովութենէն տարբեր հաճոյքի, պէտքի համար: Հոն էր, որ նշենիներու, թզենիներու անընդմէջ շարքը, մեծփոր ստուերով, կ՚երկարաձգուի երբեմն մղոններով: Այդ հովանոցներուն դժուարաթափանց սաղարթներուն ներքեւ անիկա պաշտպանուած կը կարծէր իր մարմինը` ինչպէս հոգին:

Երբ հատաւ հեղեղատը, անիկա մնաց մէջտեղը: Ոտքին բլուրը կը խոնարհէր, հագուած գեղին գեղեցկագոյն այգիներովը: Բոլորն ալ կթուած, հետքը պահելով դեռ այն ոգեւորութեան, որ թրթռացած էր այդ բարունակներուն մէջը, աղջկան, հարսի սիրտերէն ու տղոց խորունկ փափաքներէն: Աւելի վար` Ուստիանին դիտարանը: Պահակին պատկերը ա՛լ չկրցաւ նահանջի ենթարկել, քանի որ տունէն ճամբայ ինկած պահուն միակ կապուտիկ կէտն էր անիկա ամբողջովին ամպածածուկ իր հոգիին: Հարցուց սակայն: - Ի՞նչ ունէր հիմա ընելիք` սա գեղին երեսին: Տղաքը կը նմանին մեծ գինովներու: Իրենց զգացումները պարպելու համար կը գործածեն նոր ու մեծ բաժակներ: Ու շռայլ ըլլալնուն չափ անկշիռ ալ են: Կը պարպեն կեանքը մէկ ումպով ու պարապ գաւաթին դիմաց ցոյց կու տան յիմարական տագնապ մը: Կ ա՞յ տարիք մը, որ աւելի գոհ տայ ամէնէն փցուն բեկումներուն, որքան ա՛ն` որ կը սկսի տասնութին: Սպաննելը համազօր է ինքզինքը սպաննելուն: Մինչեւ Ուստիանին դիտարանը անոր հոգին ալեկոծ էր խոր այս տագնապով: Կրցած էր խուսափիլ ամէն հանդիպումէ, հակառակ անոր, որ այգեկութքի գիշերներուն իսկ ճամբաները ունին բազմամբոխ բան մը: Չփնտռեց, գուցէ գիտնալուն, վաւերական դրդապատճառը աչքէ, խօսքէ այս խուսափումին: Կը վախնար անիկա ամէն նայուածքէ: Քրոջը աչքին իսկ չէր կրցած ուղիղ նայիլ: Ուրկէ՞ կը կասկածէր, թէ մարդիկ իր վրայ կը սեւեռէին իրենց ակնարկները, Նալպանտենց հարսին որովայնէն:

Փարթամ ձիթենիի մը վրայ, որ հազարէ աւելի տարիք եւ ձեռակերտ յիշատակարանի մը պէս պատկառազդու համաչափութիւն մը ունէր, իր արմատները հնօրեայ հրէշի մը թաթերուն նման գալարագին պրկած ճանկելով հողին ոսկորները, կը կենար Ուստիանին հովոցը, ամբարձիգ` երկու հաստ ոստերու վրայ: Քանի մը գերան, իրարու հիւսուած որթի բարունակներով, կը շինէին օդն ի վար առկախ տախտակամած մը: Պահակները այսպէս բարձրադիր կէտերէ կը հսկեն ընդարձակ տարածութիւններ: Ուստիանը արթուն էր, կռնակը հաստկեկ ոստին, սիկարը - կանգուն մը երկայն էր անոր ծխափողը - բռնկցուցած, ըսես քունը ճմռելով իր աչքերէն: Շատ սուր անոր լսողութիւնը տակաւին հեռուէն առած էր քայլերու հեւքը: Ցատկեց վար: Խռո՞վք: Անշո՛ւշտ: Այդքան կանուխ խերով ոչինչ կու գայ մեզի:

Նստան: Մարդեր կան, որոնց շրթունքները չեն փակիր իրարու: Բառերը, նման մեղուներու, մշտապատրաստ թռչելու փեթակի մուտքին, կ՚ուրուանան անոնց բերանին: Ուրիշներ, որոնց շրթունքները ժանգոտ են չայցելուած կղպանքներու պէս, դէմ դէմի էին անոնք: Արեւը` շատնալու վրայ, ու ձգած արդէն լեռնադիր իր օրանը, երկու բլու րներու աղեղին, դէմի շղթայէն: Հովի ստուեր մը, լիճէն զովացած, ընելով ճիւղերը քիչ մը ճօճուն ու նազոտ:

Տժգոյն անոր երեսները ու աչքերուն դեղինի զարնող մարածութիւնը աւելի կը դալկանային առտուան արիւին մէջ: Յետոյ ի՛նչ որ կը կախուի մեր դէմքէն ու առանց երեւնալու` մեր հոգիին մոխիրը կը ցոլացնէ: Վիշտէն վեր այս բարեխառնութի՛ւնը, որ կը հոծնայ բառէն ու շարժումով կը յոգնի, մեզ ընելով մեզի օտար ըսուելու չափ ելած մեր հունէն: Պահակը կը վախնար ուղղակի հարցումէն: Պահ մը կասկածեցաւ կարելի փորձանքներու վրայ: Տղան ու խենթը մէկ են: Անիկա հեռուներէն պտոյտով մը` փորձեց չափել գիշերը, որ հոսած էր Սողոմին գլուխէն, ո՞ւր եւ ինչպէ՛ս: Կային գայթակղութեան նոր դրուագներ: Երկու ամիս առաջ, խաբուած երիտասարդ մը, որուն նշանածը աւրուած էր մեծահարուստ գործարանատէրի մը մանչէն, իր վրէժը լուծեր էր, ծոցին գիշերն իսկ վազելով հարուստի տունը ու անոր կինը առնելով անոր անկողինէն, իջեցուցեր փողոց ու քշեր դէպի իր տունը: Արիւնահեղութեան մը վախը - հարուստները գիշեր ատեն խեղճ են միշտ -, խաւարին նպաստը, դրացիներուն զգուշաւորութիւնը պատահարը ըրած էին կիսասքող ու մութի մէջ մարմին առնող ամէն բանի նման անորոշ: Ո՞վ կ՚արգիլէր Սողոմենց տղուն տնկուելու Նալպանտենց դուռին:

-Քնացա՞ր, Սողոմ:

-Քի՛չ:

Ի՜նչ յոգնած էր շեշտը: Բայց առանց ոտքի: Չխօսելու որոշում մը մատնող է միշտ:

Պահակը, միշտ հեռուներէն իր պտուտքը դարձնելով, մէջտեղ նե տե ց մայրը, քաշածները, կարօտին մեծութիւնը, քոյրը եւ ասոր հետաքրքիր հարցումները, հաւանական դրացիները, որոնք լուրի եւ նորութեան սիրոյն ժամերով կը կենան սեմին, արագիլի պէս մէկ ոտքի, խնամին` որ սանկ քիչ մը պղտոր - շիլ էր կնիկը - իր նայուածքովը փեսացուն կը փայփա յէր: Բարի գալուստին անհամութիւնները բոլոր ասոնք: Տղան կը մնար լուռ: Պահակը ջանաց շահագործել երաժիշտ տղու անոր զայրոյթը Սողոմենց դրացի «տինկիլ» Պելլոյին դէմ, որուն անհամ տճկորը ասանկ առիթներու կը բուսնէր բակին, ինքնահրաւէր ու կը ճզար մուկի պէս պոչատ: Սողոմը մտիկ իսկ չէր ըներ: Պահակը շարունակեց իր իմաստութիւնը: Դիմեց ճամբու յոգնութեան, տեղի փոփոխութեան: Նմանցուց մարդուն քունը փափկաթեւ թռչունի, որ անգամ մը խրտչելէ յետոյ դժուար կը դառնայ իր բունին: Անոր խորունկ խօսքը եղաւ քունը նմանցնել մեր հոգիներուն թռչունին: Ու շարունակեց քովնտի հարցերը: Նպատակն էր տեղեկանալ տեղը, ուր անցած էր գիշերը Սողոմին վրայէն: Չուշացաւ ստուգութիւնը: Այն ատեն, արագ, տղան նեղելու յայտնի դիտումով մը, որուն անյայտ էր պատճառը, գէթ առաջին ակնարկով:

-Ի՞նչ է գործդ առտու կանուխ:

Մարդ իր թշնամիին, ատելիին դէմ այս տեսակ շեշտ մը կը ճարէ, կամով կամ ակամայ:

Սողոմենց տղան յառեց անոր վրան դեղնած իր ակնարկը, թարթիչները լայն պարզած: Ըսես բան մը, որուն տեղը գուշակելի էր, վար կը քաշէր անոր բիբը, վար, սիրտին խորունկէն, վասնզի այդ բիբը բաբախուն կը թուէր ներքի ն տագնապի մը մագնիսէն:

-Ուստիան աղբօր:

Զինաթափ ըրաւ անոր վստահ ու տառապած սա շեշտը: Աղեկուն ու բարի պահակը ընդառաջեց.

-Համմէ, օղուլս:

Հաշտութի՞ւն: Ընտանութի՞ւն: Հոգիէ հոգի հոսումը, շփումը վերսկսաւ:

-Քենէ բան ունիմ ուզելիք:

-Ուզէ աշխարքը, տղա՛ս:

-Ինչո՞ւս է պէ տք լման աշխարքը:

Կեցաւ: Կ՚ամչնա՞ր, թէ կը վախնար: Դէմքին գիծերը կը մատնէին անոր ճիգը, բայց չէին հոսեր բառերը:

-Ի՞նչ է ցաւդ, հէյ տղայ:

-Ցաւ չունիմ: Կ՚ուզեմ երթաս:

-Ո՞ւր:

-Նալպանտենց տունը:

-Չուխա՞դ ինկաւ միտքդ:

Կը հեգնէ՞ր, թէ գրգռել կը ջանար:

-Ատո՛ր համար ըս ել է չէ տարեր քունդ:

Սողոմը խոր արհամարհանքով լռեցուց զայն.

-Վրա՞ս կը խնդաս:

Ու գրգռիչ, կռուազան նեղութիւն կար անոր բառերուն մէջ: Ուստիանը առնուեցաւ, բայց ճկուն իր բնաւորութիւնը նպաստեց անձուկը փարատելու: Ատկէց զատ Նալպանտենց տունին հրապարակ գալը կ՚ընէր զի նքը տարօրէն հաճ ու զիջող: Փոխուեցաւ խօսակցութեան գնացքը: Նորուած էր սիկարը ու կայծքարին քանի մը վճիտ կայլակները շէնցուցին անոր սրտէն տասը տարիէ ի վեր ամէն օր հարսնեւոր հոգին: Ու ինչպէս մէկը, որ արագ շարժումով մը կը նետէ մէկդի վրայէն ծպտումի պատմուճանը, ա ռնելու համար ընտանի իր տարազը:

-Իրա՞ւ է, օղուլ: Իրա՞ւ է:

Լռեց: Բայց հարցականը շարունակեց թրթռալ երկուքին մէջտեղը: Ու սարսուռ, ու հեշտանք, ու նուաղում, ու խենթութիւն էր Ուստիանը, այդ զոյգ մը բառին ետեւէն:

Սողոմը դիմաւորեց հարցումը առանց այլայլումի:

Անոր աչք եր ը, ուրիշ անգամներու պէս, չշրջեցան մէկդի, ու մնացին շեշտ` ետ հրելու չափ Ուստիանին ակնարկը: Այս դիմադրութիւնը աւելի էր, քան խոստովանութիւն մը եւ աւելորդ ըրաւ հարցաքննութեան երկարումը: Մէկը ըսէր վեց-եօթը տղու տէր, հացին ուրուականէն խելայեղ սա մարդուն, ի՞նչն էր իր գործը աս մարզերուն մէջ: Սէրը չի բաւեր նկարել հացէն ալ զօրաւոր: Անիկա վեր է մա՛նաւանդ մեր բոլոր ախտերէն, տգեղութիւններէն:

Երեսունը անցած Ուստիանը չարացա՞ւ Սողոմին բախտէն: Ստոյգը ան էր, որ տարիներով շուրջն էր դարձեր Նալպանտենց հարսին, որքան որ կը ներէ ին Նալպանտենց հաճի Աննային անուշադրութիւնները: Ու կ՚ընէր այդ դարպասը, առանց մտաբերելու տուն մը տղաքը, ահաւոր հացին տաշտը, որ եօթն օրը հեղ մը քրտինք կը հանէր անոր անճարակ ճակատէն: Աղքատութիւնը մեղք չէ հարկաւ: Սողոմենց տունին մէջ եղը չէր վազեր աղբիւրի պէս: Ի ՜նչ էր մշակի այդ կտորը, հօրը մահէն ասդին: Յետոյ բաղդատեց իր հաճելախօս բերանը ու Սողոմին խոժոռ լրջութիւնը, որ պաղ կը ստեղծէր շուրջը: Ինչո՞ւ անոր մտքէն չանցաւ տարիքը, որ արդէն սանկ ու նանկ ճերմակ էր նետեր մազերուն: Որքա՜ն մարդ կը գուրգուրայ շնչին այն բաներուն վրայ, որոնք մեր պատրանքը ողջ պահելու դերը ունին: Քաղաքներու մէջ մա՛նաւանդ այս փոխանիւթերը կը յաւակնին նախանիւթը գերազանցել: Ու քաղաքակրթութիւնը, իր ապականումին մէջ, կը մարսէ այս աճպարարութիւնները: Գեղը աւելի քիչ արատով կը դիմաւորէ սեռին դէմ մեղքերը, տարիքէ, փառքէ, դիրքէ, դրամէ, ներկէ ու ծպտումէ: Կախ պեխերով Ուստիանը նկատեց վերջապէս նոր, լրումի մէջ հզօր առնութիւնը մատաղ երիտասարդին: Բանտը, դալկացնելով անոր այտերը, անոնց վրայ թափեր էր անորակելի գրաւչութիւն մը, արու, փափուկ ու ներսի քաղցրութեան գոլովը շոգեւոր: Այս լռին հրապոյրը երբեմն կ՚ընկերանայ երիտասարդին, բաւական հեռուները: Ուստիանը խորհեցաւ տակաւին ուրիշ առաւելութիւններու, - գիր, կարդալ, ընտանիք: Այս ուղղութեամբ, անիկա հասաւ չքացնող արդիւնքի: Ողողուած էր պատկերովը անոր ձայնին: Ով գիտէ քանի՜ կնիկ լացած էին անոր եղանակին քաղցր դանակին տակ, շիշերուն տակ:

Դէպի պատմում Ուստիանին հրաւէրը չգտաւ քաջալեր: Ժլատ էր Սողոմենց տղան ու ինչպէս միշտ, միավանկ պատասխաններով կը բաւարարէր շատախօս մունետիկը: Անօգուտ եղան պահակին խաղերը, ճարտարանքները, պնդումն ու աղերսանքը: Քանի՛ թ անձրացան պատկերները անոր բերնին մէջ, ա՛յնքան վերապահ եղաւ Սողոմենց տղան ու մերժեց պահի, տեղի, օրի ամէն ճշդում: Չհերքեց սակայն յղութիւնը: Հաստատեց Սերոբէ աղային արդէն փաստուած խօթութիւնը: Զգուշացաւ մատնելէ հաճի Աննան: Սարեկ խնամին: Զգուշացաւ վարկաբեկելէ Աղուորը: Ու խոյս տուաւ հիմնական փաստէն, որմէ կ՚ամչնար մանաւանդ: Անիկա հետզհետէ կ՚ըլլար վշտոտ, դողահար, լքուն ու անյոյս:

-Ի՞նչ կ՚ուզես հիմա:

-Կ՚ուզեմ երթաս:

-Ի՞նչ ըսելու:

Կը վախնար բանաձեւէ՞ն, թէ պահանջին տարօրինակութենէն:

-Ի՞նչ ըսելու:

Կրկնեց անիկա, սպասուն ո ւ կիսաժպիտ, հրաւիրելու համար տղան առաւել զիջումի:

-Ըսելու, որ չեմ ուզեր սա փարան:

-Ինչո՞ւ:

-Աղքա՞տ եմ ես, որ ողորմութիւն կու տան:

-Ատ ուրկէ՛ ածեցիր:

-Ի՜նչ է եա:

Չէր ուզեր արագ ընել իր պատասխանները: Սիրողները միշտ քիչ խօսեցան: Հանեց դրամը մէջքէն ու նետեց պ ահակին ոտքերուն:

-Հայտէ՛: Աս ալ նո՜ր բարիլոյս: Ե՞տքը:

-Ե՛տքը: Կը տանիս կու տաս:

-Ե՞տքը:

-Ե՜տքը…

Ճմռեց իր բառերը, թուքին մէջ, մեղմելու համար ըսելիքին այլանդակութիւնը, ու աչքերը կախ, բայց յօնքերուն միջոցը ընելով կնճռոտ` ինչպէս ագռաւի մը տոտիկներուն հետք ը կաւին վրայ, աւելցուց.

-Կ՚ըսես, որ իրենց տունն եմ այս գիշեր:

Անակնկալէն վեր էր այս անլուր առաջարկը: Ափ ի բերան` պահակը կը նայէր տղուն, որ աչքը առանց բաժնելու մարելու վրայ սիկարի մը դիակէն, կը կրկնէր.

-Կ՚ըսես, որ իրենց տունն եմ այս գիշեր:

-Հեղ մը կարդալ տո ւր վրադ, օղլո՛ւմ:

-Ո՛չ հեգնութիւն, ոչ ալ բարկութիւն: Ուստիանը կը վախնար տղուն խելքէն:

-Խաչն է վկայ, տղա՛ս, գէշ չես ըներ:

Սողոմը նետուեցաւ ծունկի: Անիկա զայրացած էր ո՛չ թէ պահակէն, այլ` այդ մտածումին դէմ բանաձեւուող սա անկարելիութեան համար: Աշխարհքը ի՜նչ գի տէ մեր ներսի տրամներէն: Որո՜ւն կնիկն էր Նալպանտենց Աղուորը: Անոր աչքին գծուեցաւ ախոռին տեսարանը, հաճի Աննային հետ կռիւը, սանդուխներուն վրայ, բայց լռեց: Իր իրաւունքին ուժը զինքը կը լեցնէր, պահակէ չկասկածուող աստիճանով մը: Ու այդ ճնշումին մուրճին տակ հատիկ-հ ատիկ, երրորդ անգամը ըլլալով, անիկա թափեց իր բառերը, որոնք, զանգակէ մը փրթող զարկերուն նման, կ՚արձակէին կտրուկ ու վճռական բան մը:

-Կ՚երթաս կ՚ըսես, աս գիշեր ես անոնց տունն եմ:

Բացարձակ ու վճռական, այս յայտարարութիւնը մէ՛կ հարուածով կը փետտէր կատակի, եղկութեա ն երանգը, որմէ այնքան շահ գիտեն հանել մեծզրուցները: Ուստիանը, տպաւորւած, բայց անկարող խելապատիկին մէջ սեղմեցնելու յիմարութիւնը պահանջին, աւելցուց, ապշահար ու թթու.

-Ինչո՞ւ:

-Ինչո՞ւ: Ի՛մն է կնիկը:

Չափեց իր բազուկը դէպի լայնքը, յետոյ կորացուց ու արագ փակցուց կ ուրծքին, շառաչուն ու հպարտ:

-Ի՛մն է կնիկը:

-Սո°ւս:

Պահակը ուզեց բռնել անխելք այդ բերանը: Սողոմին ափը, երկաթի պէս հատու, կեցուց անոր ձեռքը կէս ճամբան:

-Կը մորթե՛մ բոլորը, գիտցած ըլլան:

Յետոյ, դողալով սպառնալիքին իսկ ճնշումէն ու ակռաները լսելի ըլլալու չափ ո ւժ գին աղալով իրարու վրայ, ու վրան Նալպանտենց միսերուն.

-Ի՛մն է ան կնիկը:

Ու լռեց:

Ըսուածքի հանդիսաւորութի՞ւն: Արտայայտումի անյատակ երկարո՞ւմ: Աչքերէն թափող կիրքին գոլորշի՞ն: Երիտասարդութեան անպարագիծ սրտոտութի՞ւն: Ո՛րը որ կ՚ուզէք: Ուստիանը ստիպուեցաւ ընդու նի լ առաջարկին գոնէ իրականութիւնը: Եփած մարդ` անիկա զգաց կարիքը սա ծայրայեղութիւնը չգահավիժելու: Յորդորեց տղան գալ ինքնիրեն, քիչ մը մտածել: Քաջալերուած անոր լռութենէն, քշեց իր փաստերը, հատիկ-հատիկ, որոնց անշուշտ ոչ մէկ առարկութիւն կրնար դէմ հանել սա առնանդամէն կապուելիք խենթը, - ուրիշ բան չէ կնիկէ մը տարուած երիտասարդը: Ու անցան անոր իմաստուն բերանէն գեղին սուրբ, պատկառելի օրէնքները, որոնց դէմ դէռ Սողոմին ճամբովը քալողը գերեզմանն իսկ չի ճանչնար: Նշանա՞ծը` որուն աղբարները, իրենք զիրենք հաւնող երիտասարդներ` չէին մարսելու պատահելիք անպատուութիւնը: Ո՛չ մէկ տէրտէր կը մօտենար ատանկ ամբարիշտ հոգիի, ողջին թէ մեռելին: Չէր կարելի խաղալ ժամուն, Ս. Պսակին հետ: Յետոյ անցաւ անիկա աւելի գործնական նկատումներու, որոնցմէ կարեւորը Սերոբ աղային ձեռքինն էր, երկարող քիչ մը շատ հեռո ւներ: Յիշեց հարիւրապետը, թուրքին ատելութիւնը հայ արուին դէմ: Ազգականները` որոնք կրնային միանալ: Ու հազար հեքիաթ: Կռապաշտներն իսկ նման յիմարութեան մը առջեւ քիչ մը խելք ճարելու շնորհը ընդունած ըլլալու էին վերի Աստուծմէն, որ կրնար տեղն ու տեղը փոշի ընել իր պատուիրանքները այսքան յստակ անարգող մը: Բոլոր այս առարկութիւնները բախեցան մէկ ու հաստատ, վճռական նախադասութեան.

-Ի՛րն էր կնիկը:

Չոր, միօրինակ, մետաղի չափ աներանգ մտածում, որ կրկնուելով-կրկնուելով, բանաձեւ կը դառնար ու կը նեղէր ըսողն ու լսողը հաւասարապէս:

աս կցանք, օղլո՛ւմ, հասկցանք:

-Դուն գնա՛ ըսէ ասանկ իմ բերնէս:

-Որո՞ւ ըսեմ, ծօ:

-Աղուորին:

Պահակը նկատեց երանգի փոփոխութիւն: Սողոմը կը խօսէր կարգուած մարդու քիչ մը գաղջ ու պարզ շեշտով, ու ասիկա` միայն կնոջը անունին հետ: Բայց կը դիտէր նաեւ, թէ քաղցր ու տղայ ի՛ նչ վստահութիւն կը մեղմէր այս առաջարկին անլուր անհեթեթութիւնը: Պահակը նոյնպէս գորովի գնաց միամտութեան սա քանակէն: Իր կարեկցումը ունեցաւ բարերար արդիւնք: Միավանկ ու երկաթի պէս կաղապարուած բառերու փոխարէն, որոնցմով Սողոմը արտայայտուեր էր, մէջտեղ եկած ծանր, վ իշտին ու սիրտին հեղումովը գունաւոր, ջերմացած նախադասութիւններ, իրաւ, ապրումի նշանակ ու անոր հոծութեան, ուժգնութեան կնիքը, ճնշումը վրանին, պահակը պարտաւորուեցաւ մտիկ ընել: Ու ջուրի պէս կը խօսէր ժլատ բերանը Սողոմենց տղուն: Խոր, զեղուն, սրտագին պատմումի մը մէջէն, որ միապաղաղ կրակի մը նման կը պատկերէր անոր հոգեյատակը` անիկա դրաւ պահակին աչքերուն ինքզինքը ամբողջ ու առանց ծալքի: Ոչ մէկ ծուէն` որ խնայուած ըլլար: Ու ոչ մէկ խորշ` զոր չպարպէր դուրս:

Հաստատ, աննահանջ` անիկա տէրն էր Նալպանտենց հարսին: Եօթն աշխարհի եօթան աս ուն դեւերը անկարող էին զայն առնելու իր բազուկներէն: Անոր շուքին համար, առանց աչքը թարթելու, կը թռցնէր եօթը գլուխ: Զայն պահելու համար` անիկա աչք էր առած աշխարհքին բոլոր արգեքները, «առ ու նամուս», թուրքին «թոփ ու թուանք»: Ու տարօրինակ էր, որ այս ուռեցուորա ծ պատկերները սխալ չհնչէին անոր բերնէն, ոչ ալ պահակը նեղուէր անտեղի սպառնալիքին անհամ կատակէն: Քանի՛ մեծնային բառեր, ա՛յնքան անոր սիրտը կը պրկէր անոնց ներքին ճնշումը ու կը պահէր զանոնք իրաւին, կարելիին, մարդկայինին սահմաններուն: Անիկա վերջացուց սակայն այս դժնդակ սաղմոսը, տխուր ու սրտառուչ պարզութեամբ մը.

-Առանց անոր ողջ գերեզման եմ ես, Ուստիան աղբօր:

Պահակը չէր գիտեր, թէ այդ պահուն Սողոմենց տղան կը կրկնէր բանտի մէկ ընկերոջ պատկերը, որ սեւեռուած էր անոր ուղեղին: Ողջ գերեզման էր եղած խեղճ այդ երիտասարդը, որ եր դո ւմ կ՚ընէր, ամէն րոպէին, բանտէն ձգուելուն պէս կա՛մ ինքզինքը թաղել, կա՛մ ծակծկել պոռնիկին աղջիկը: Ու այդ նախադասութեան հետ, ուրուացաւ բանտի տղան, թեթեւ թանձրութեամբ առաչօք տեսիլքի մը պէս:

-Կ՚երթաս ու կ՚ըսես, լսածիդ պէս:

Լրջութիւն, կորով, տրտմութիւն, կտրուկ շ եշտ, - բոլորը իրար կը լրացնէին` շինելու համար վիճակի պայծառ պաստառ մը պահակին աչքին, որ տարակոյսի շուքն անգամ չունեցաւ դէմի սրտին, հոն եփ եկող զգացումներուն յորդ թափին, ու ատոր հաւանական հետեւանքներուն մասին: Պահակը, փորձառութեամբ, կը հաւատար, թէ արիւնը ի՛նչ խենթութիւններու չի հրեր սա տղաքը, գլխիկոր կամ թաւալգլոր: Բայց անիկա պարապ տեղը չէր մեծցուցած սա հասակը, որպէսզի իր խելքը կապէր սա խենթին խելքին: Ինչո՞ւն էր պէտք խառնշտկել մեղուին բոյնը: Նալպանտենց հաճի Աննան եօթանասուն շունի գլուխ կը բռնէր, երբ Սերոբին ուժն ու ահը կը պակսէին: Յետոյ, որքան գիտէր, անիկա չունէր իր լսածներուն մէջ անունը մէկ հատիկ կնոջ, որ ընդունէր իրեն շուրջը ըսուածները: Բոլորն ալ կը պառկէին - պոռնիկները կը տեսնէր բառին տակ - իրենց սիրականներուն հետ մութին, բայց աշխարհքին աչքին, իրենք զիրե նք կը պատռտէին սիրողներուն հոտն անգամ առած ըլլալու մեղքը ուրացած ատեննին: Նորէն քննեց մտքէն: Ասիկա Սողոմին դրամ տալու չէր նմաներ: Միւս կողմէ` խոր, անօրինակ հեշտութիւն կար դրուագին մէջ: Կրնա՜ր Աղուորին խօսիլ երես երեսի: Կրնար…

-Մտմտանք, տղայ:

Ու մտմտացին:

Ի՜նչ խեր սպառնալիքէն, որ ո՛չ մէկ ատեն, ո՛չ մէկ ձեւով, մեր ուզածները մեզի չէ բերած: Հակառակն է, որ ճիշդ է շատ անգամ: Քաշե՜լ: Բայց չփրցնել: Ու անոնք հրաժարեցան այդ երանգով յարձակողականէն: Դարը վատ էր, ու հարիւրապետը` բարեկամ: Աւելի ուղիղ չէ՞ր փորձել միւս ճամբան, կակուղ լեզուն, որ օձն անգամ կը հանէր ծակէն: Յետոյ` Աստուած միայն կը հասնէր Սերոբին հաշիւներուն: Հապա հաճի Աննա՜ն: Ու անիկա ծանրացաւ քնքուշ հարսին: Սիրտ ըսուած բան մը կայ մարդոց կուրծքին տակ: Յետոյ` աշխարհք է ասիկա: Ժայռն անգամ չի մնար մէկ իր լերան ծո ցին:

-Անուշ լեզու, Սողոմ…

-Ուզես խորիսխը թաթխէ, Ուստիան աղբօր…

Լացն էր պակաս, սա կարօտին, սա յիմար տարփանքին:

-Մինակ գնա՛:

Ժամ մը ետքը, իր մախաղին մէջ տեղաւորած դաշտին ամէնէն քաղցր, թռչնահար թուզերը, որոնք լուսի պէս մաշկ, բայց սիրտի պէս համ ունէի ն, պահակը կը մտնէր Նալպանտենց տունը: Զայն ընդունեց հաճի Աննան: Սպասման հովը գրեթէ աննշմար ըրաւ ճարտար պառաւը: Խե՜ր էր հարկաւ Ուստիանին գալուստը, թէեւ պարզ պահակին դէմքէն անիկա համոզուած էր ըսածին ճիշդ հակառակին:

Լպրծուն, անխելք` պահակը չէր զգար, թէ հաճի Ան նա ն շատոնց հասկցած էր իր ծամծմել ուզածը:

Կարճ եղաւ անիկա ու արագ: Կարծես նախօրօք կարգադրուած խաղ մըն էր, որ կը կատարուէր: Անիկա ներս առած էր պահակը, կամացուկ ձայնած Աղուորին:

Ու հարս ու կեսուր բացին իրենց բերանը:

Առաջին խօսողն էր Նալպանտենց սրբենի, «եօթ գե ղ անդին» պատիւովը նամ տուող, դուռ-դրացիներէ վկայուելով վկայուած հարսը, ժամուն մեռոնը, աւազանին խոնաւովը վրան, Աստուծոյ սուրբ հրամանովը ծոցուոր: Անիկա անհնարին ուժգնութեամբ մը մերժեց, միակտուր, պահակին բերնով ծամծուած սա անաստուած զրպարտութիւնը: Փաշայի պէս էրիկ ալ չունենա՜ր: Նալպանտենց Աղուորը չէր զգար, որ իր հերքումը յստակ հաստատումն իսկ էր ուրացուիլ ուզուածին: Պահակը ուրիշ բան չէր ըսած տակաւին, բացի Սողոմին փափաքէն, կրկին Նալպանտենց ծառայութեան դառնալու: Նոյնքան տարօրինակ էր, որ հարսին ծուռ այս ելոյթին չանդրադառնար կացութիւններու դերակալող, բառերու ճարտար ագուցող հաճի Աննան ալ: Հարս ու կեսուր Սողոմենց տիկինին աշխարհք մը ամօթը մարսելու համար դիմած էին Տէրոջը օգնութեան, բայց մաղմաղի վրայ եփած` իրենց խշխշուքէն: Ու անվտանգ, նոյնիսկ առաւելութեամբ պոռթկալու սա առիթը շահագործեցին, իրարու բերնէ խլելով խօսքին շարանը: Սիրտէն մահացու կերպով զարնուած - անոր հիւանդութիւնը կ՚առաջանար արագ ընթացքով -, հաճի Աննան հակառակ շունչէն նեղուելուն, ձեռքով-ոտքով կը ջանար արգիլել երիտասարդ կինը, վայրկեանը հեղ մը մշտելով մեծ իր մատովը հարսը կողէն.

-Դուն սո՛ւս կեցիր հըլէ…

Այնքան տարուած էր խօսելու բռնութենէն, որ, ուժգին ու անհամբեր, միջամտեց ու յափշտակեց խօսքին թելը հարսին բերանէն: Ո՞ւր զգոյշ, մեղր ու շաքար, կսկլոր լեզուն, ո՞ւր` սա դանակի պէս կտրուկ, ամէն մէկ բառը ձեռքի պէս լայն-լայն ձե ւող ոգին: Սերոբը տունը ըլլալու չէր, քանի որ երկու կիներն ալ դուրս էին վախէն ու շրջահայեաց վերապահումէն, որով շատ մը մեղքեր, մեղադրանքներ լռելեայն կ՚անցնէին էրիկներուն լսելիքէն: Սուտը, որքան ալ վաւերական, միշտ հետք կը ձգէ մարդոց հոգիին: Հաճի Աննան նախ յայ տնեց իր դժգոհութիւնը իրենց տունը իրենին պէս ճանչցող Ուստիանին, որ ատանկ «տոպրակ չմտնող» սուտ շալկած շտկուեր էր իրենց դուռը: Ո՞վ ծանօթ չէր հաճի Աննային ու անոր օճախին: Մտիկ չըրաւ պահակին արդարացումը, որով դեսպանը ապամեղ կը հռչակուէր «թա՜ Նոյ Նահապետին օրերէն»:

Ու յառաջացաւ: Այսինքն` արձակեց իր լեզուն: Չիմանա՜ր իր տղան: Մաս-պատարագ, տունն ու տեղը մոխիր կ՚ընէր ատ «լէշը տընուընուն պիլէ շատ զազար»ին: Հեղ մը նայէր պոյին: Հեղ մը նայէր իր հալ ին: Ու հնչեղ, հեղինակաւոր, նոր կտրուած դրամի պէս փայլուն էին անոր բառերը: Ո՞ ւր էր տեսնուեր այսքան անխղճութիւն, չամչնալ, հոգին սեւել: Մեղաւո՞ր էին հարուստները, որ մեղքնալնուն ձեռք կ՚երկարէին այդ անօթի շնագայլերուն: Հոս չեկած` բերաննին կը հոտէր, ակռանին «մառ» կը կապէր խոտ ծամելէն: Բայց անգամ մը տեղաւորուելէ, կուշտ փորով հաց գտնելէ ետքը կը կատղէին, կռնակ կը հաստըցնէին ու վայելած բարիքին դէմ ահա թէ ինչեր կը հանէին: Ապերախտ, չորնալիք, սատկելիք տղա՜ն: Պարապ տեղը չէր, որ հայրը շանսատակ էր ինկած, կէնճուկ-կէնճուկ: Պարապ տեղը չէր, որ մայրը կռնծեր, չորցեր, դերձան էր դարձեր ու Աստուծոյ արդար խշումովը Ստամպոլին Փրկիչը ճամբորդ: Հարկա՜ւ: Վերի Աստուածը մարդոց աչքին չի մխեր իր մատը: Անիկա ատանկ կը զարնէ ամբարիշտները, գազանները, զրպարտիչները: Նալպանտենց հարսը կը տառապէր` ինչպէս մէկը, որ նստէր փուշի վրայ: Կ՚եփէր անիկա խօսքին մարմաջէն: Ա՛լ հատած իր համբերութենէն, գործադրեց կեսրոջը միջոցը ու մտաւ խօսքի: Ատեն էր, վասնզի հաճի Աննան կը նեղուէր սիրտէն: Մանկամարդ կինը կը հաւատար իրենց բառերով ստեղծուած պատրանքին: Կատղած էր անիկա ատ չոր, չոփ-չոր զրպարտութեան համար, ամէնէն շատ: Ու կը սպառնար ամէն բան պարզել իր էրիկին, զնտաններուն մէջ փտեցնել ատ ճռզածին, դեղնածին, մուկին, խլլոտին ոսկորները: Ուստիանը կը հետեւէր այս անկեղծ, միակտուր պերճախօսութեան, ու մօտ էր խելքը թռցնելու: Այնքան իրաւ, սրտանց, փուլի չափ իսկ կէտով մը չաղարտուած սա պատկերը տպաւորիչ էր իր անմեղութեամբը: Ու կը ճուար Նալպանտենց հարսը, հարուստ իր մարմինը հանելով շարժումի, լեզուի, փաստի ու ճնշումի, - մնացեր, մնացեր, ատ ծառայի կտորի՞ն էր մնացեր: Ի՜նչ անօրէն գեղ էր աս գէղը, Սոդոմ-Գոմոր, կրակ թափուելիք, ողջ-ողջ այրելիք: Ինչպէ՞ս, չէին վախնար վերի Աստուծմէն ու անմեղուկ կնիկի մը պատիւը կը նետէին ատանկ ցեխին մէջ: Եղերական այս երանգը չէր վայլեր սակայն ու զգաց ատիկա Նալպանտենց Աղուորը: Բերանը պիտի պատռտէր անոր: Ատա՞նկ կնիկ էր ինքը: Այս հաստատումին ուժը կ՚աղուորցնէր անոր բառերուն հոսումը ու կը ջնջէր անոնց վրայէն կեղծիքին շամանդաղը, որ չի վրիպիր, երբ չէզոք մարզերէ կու գայ: Ո՞վ էր տուած սա խելացնոր դասը մինչեւ ատ օրը բերնէն գառնուկ ատ կնիկին: Խղճմտանքը մէկ ձեւով միայն կ՚իշխէ գեղերուն մէջ, ատիկա գութին ձեւն է: Մնացեալ երանգները չեն հասնիր մինչեւ այդ խորութիւնները: Քանի այս սալայատակները շինուած էին, փողոցի վրայ բոլոր կռիւները ուրիշ բան չէին ըրած, քան ինչ որ կ՚ընէր հիմա Նալպանտենց Աղուորը: Մեղքը համով է գործուելու համար միայն, իսկ թոյն է պահուելու, կրուելու համար: Զայն կը նետենք, պիտի նետենք ամէն գնով: Ու կու լար, խղդուելու չափ, իր անմեղութեանը փաստէն, ու ատով ուռեցած իր յուզումէն: Հաճի Աննան չփախցուց այդ հեծկլտուքով գոյաւոր թուլացումը ու անցաւ գործի: Կը խօսէր ու կը սրբէր հարսին արցունքները: Սի՜րտ ըլլալու էր, դիմանալու համար ատ պատկերին: Աստուած ի՞նչ կ՚ըսէր վերէն: Ու մեղմ շեշտով մը հրաւիրեց Ուստիանը սեփական խղճմտանքին, ու պահանջեց, անողորմ իր մեծ մատովը, անոր վկայութիւնը: Մարդիկ մուրացկան են ամէնէն շատ մեղքը պարտկելու ատեննին: Ու տարօրինակ է, որ չընկրկին իրենց սուտին մեծութեան դէմ չքմեղանքին չնչին կարկտաններէն: Ո՞վ չէր գիտե ր Նալպանտենց տունին կարգն ու սարքը: Ինչո՞ւ շան տղան կը մոռնար շան իր խշտին, ուրկէ «ճիւ» մը անգամ դուրս չելաւ, նման Նալպանտենց բոլոր ծառաներուն: Իր հարսին կրո՜ւնկն անգամ չէին տեսած անոր քոռնալիք աչքերը: Ու ելեր ի՛նչ ձիւն, ի՛նչ կրակ կը ձեւէր անմեղուկ հարսնուկին գլխուն: Արցունքները կէս մը չորցուցած` Նալպանտենց հարսը, յուզումէն կրակի պէս «շավք» տալով, լեցունկեկ իր այտերը թաշկինակին տակ պիսակաւոր ընելով կեցուց կեսուրը ու անցաւ խօսքի: Ծունկի էր ելեր, առանց գիտնալու: Մատը - ցուցամատը - ճօճելով սենեակին այն անկիւնը, ուր անիկա ափափուեր էր Սողոմենց տղէն եւ զոր ուրուականի մը պէս հիմա կը տեսնէր հոն շուարած ու վախկոտ, անիկա խելքը գլուխը կանչեց շան լակոտին: Հա՜: Թող ճանչնար իր չափը: Ու անիկա երդում ըրաւ, փողոցին մէջ, անոր հանդիպելուն, հանել սանտալները ոտքէն ու շուն թակածի պէս տալ ոտիցը անոր քիթին ու բերնին: Անիկա կրկնեց երդումը, փաչատելու անոր պռկըները, ջուխտ իր մատներովը: Ու մատները տուին մտածին պատկերը, կեռի մը պէս ոլորուելով իրենց կեդրոնէն: Այնքան կրակ ու եռանդ կար սա զեղումին մէջ, այնքան դող` սա միսերուն վրայ, որ Ուստիանը վախցաւ ցաւին յուշքովը: Կիները ատանկ գրգռումներէ ետքն է, որ կը թաւալէին գետին ու կ՚ոռնային ժամերով: Յոգնեցա՞ւ. թէ հատած էին ըսելիքները: Առաւ գլուխը ափերուն: Մտած էր անիկա խուլ, երկարուն, հանդարտ լացին մէջ, որ վեր է կիրքէն ու պահէն ու մեզ կը նետէ մեր հոգ եմոյնքին: Որ սուգէն ալ վեր կնիք կու տայ մեր դէմքին ու կը տպաւորէ խղճի խայթի մը պէս, աշնան տերեւի մը պէս ու… մեղքի մը պէս: Ատանկ կու լան խաբուած աղջիկները կամ որոնց հոգին ձմեռը կը զարնէ: Սպառա՞ծ հաճի Աննան, որ իջած էր իր ալեկոծ մակարդակէն ու կը նայէր պահակին, մեծ, զարմացած աչքերով: Ելաւ ոտքի. սիրտին կողմէն քիչ մը զգուշաւոր, պարպեց Ուստիանին մախաղը, գտնելով քաղցր գովեստ մը պտուղներուն ախեխի տժգունութեան ու համին վրայ. բացաւ պատիհոնը, հանեց գլուխ մը պանիր, թարմ հաց մը, ծրար մը ձիթապտուղ, կէս օխանոց շիշ մը օղի ու տեղաւորեց անխօս, պարապ մախաղին մէջ: Հաճի Աննան գիշերուընէ կարգադրած էր այս ուտեստեղէնը, Ուստիանին սպասումէն ու գալէն հոգեպէս գիտակ: Իրաւ է, թէ հարսին խորհուրդ չէր հարցուցած: Պահակը բարի, սրտառուչ գոհունակութեամբ մը կը դիտէր ուռած կաշեպարկը ու քովնտի` գլուխը ափին արտասուող հարսը: Հաճի Աննան հրահանգեց պահակը, որ չգոհանայ իր տեսածն ու լսածը մինակ պատմելով: Հրաւիրեց զայն, իր իսկ նախաձեռնութեամբ խելքի բերելու «հունէն» փախած լակոտը, դարձնելու անոր ականջը, ու քալելու` մարդկութեան արդարութեան պողոտան: Հաճի Աննան, գործ կարգադրող կնիկի եփուն շեշտ ունէր առաքելութեան այդ մասին մէջ: Երկու հեղ կրկնեց իրենց օճախին աւանդութիւնները ու միննէթ ի 5 տակ մնացող մը չըլլալը:

Ապշահար Ուստիանը, սիրտը ետ` ոտքը առաջ, դուրս ելաւ նշանաւոր դուռէն, վերջին անգամ, քանի որ օր մը ետքը շէնքին տեղ մոխիր պիտի տեսնէր: Կոխած տեղը չէր տեսներ սակայն, այնքան իր դատելու, կշռելու միջոցները անբաւական, անյարմար էին սա կարողութիւնները դասաւորելու: Վստահ էր զրոյցներուն, եղած էր, երբ պատարագը միջամտեր էր յղութեան աւետիսին: Վստահ էր մա՛նաւանդ առաւօտէն ասդին: Սողոմին բառերը, իրենց ցամաք ու ժլատ ցուցմունքովը վեր էին կասկածէ ու շուքէ: Բայց իր ականջներուն մէջ կը պարէին հարս ու կեսուրի նախադասութիւնները, այնքան հզօր ու կենդանի, որ կը տատամսէր քալելու, գլխու պտոյտի մը վախուն: Ու գիտէր, թէ թաղը, երկշարք տուները մինչ եւ իրենց քիւերը լեցուած էին Նալպանտենց գայթակղութեամբը: Թէ` օր մը առաջ, լման գեղը արձագանգ էր տուած հզօր, անհաւատալի տեսարանին, սա իր կոխած քարերուն վրայ, երբ Սողոմին մայրը իր գեղին ամբողջ մեղքէն զատ եօթը ուրիշ գեղերու ալ մեղքին կոյանոցը սայպեր 6 էր այդ փառաւոր բակն ի վար: Ողողեր` հսկայ տունին զոյգ յարկերը աղբով ու անէծքով, ժանտախտով ու «երկնի» հուրով:

Անիկա գտաւ Սողոմը, մանկունակ ու դիւահար սպասման մը մէջ: Իր դէմքը բաւ էր պատմելու առաքելութեան ընդհանուր իմաստը: Մարդիկ ճակատագիրը դիմաւորելու անձնական կերպեր ունին: Ոմանք կը հարցապնդեն զայն, խռով ու հռետորական շարժուձեւումով: Ուրիշներ զայն կը չափեն աչքի յառումով: Ուրիշներ կը լռեն ու կը բռնեն անոր խուսափուկ պատգամները եօթներորդ զգայարանքով մը: Սողոմը հետեւեցաւ պահակին դանդաղ ու խոժոռ շարժումներուն: Պարպուեցաւ մախաղը: Օղի, Ուստիանին շրթունքէն, գալու համար Սողոմին: Խմիչքի անվարժ տղան մատ չդպցուց շիշին ու լուռ

ոչ ոք մտիկ ընող երիտասարդը գետինն ըլլար, փշուր-փշուր, տապալող արձանի մը պէս: Ընդուներ էր լուրը. նախ` պաղարիւն. թերահաւատ, կատակի շուքէ մը պաշտպանուած: Շատ խօսողներուն հաւաստումները ենթակայ են նման նկատառման: Քիչ-քիչ, կատակին երանգը հալածուէր, տեղը տալով ամէնէն նուաստ ստուգութեան:

Շրթունքը ծամելով` անիկա մտիկ ըրաւ զեկոյցը: Խղճին խորագոյն խորանին մէջ անիկա կը դանկըտուէր սուտէն, կիներուն լրբութենէն: Մեղքը դեռ առած չէր իր շաղախին մէջ անոր հոգին ու պարմանի միամտութիւնը. անոր դիւրագրգիռ զգայութիւնը չէր ենթարկուած նման փորձի:

Բերանին, կիսաբաց, առնելով իր աջ ափը ու եղկելիօրէն միամիտ.

- Իրա՞ւ է ըսածդ, Ուստիան աղբօր:

-Իրաւ ալ խօ՞սք է, տղայ:

Ու վեր էր հասարակ ցաւէն սա կարեկցութիւնը միամիտ պահակին մօտ, որ Սողոմին չափ զարնուած էր անակնկալէն, աւելի վիրաւոր էր ալ շատզ րո ւց իր գիտակցութեան մէջ: Ան կիները կ՚երգէր իբր հաճոյքի ամաններ, տաքցնելով անոնց գոյները վառ իր երեւակայութեան ընդմէջէն ու կը յաւակնէր զանոնք ճանչցած ալ ըլլալ: Բացի պատանութեան մէջ բռնի վրան հրուած պոռնիկէ մը, միայն իր կնիկը սերտող յիմարը կը տառապէր սա պահ ուն իր պապուկ, աղքատուկ գիտութեանը համար:

-Խենթենամ պըտը, Սողոմ:

Ու կը ծեծէր ձեռքերը ծունկերուն, կնիկի նման.

-Տասնոց չենք արժեր:

Այս վճի՛ռը, որ խոստովանութիւն մըն էր նոյն ատեն, կիները ճանչնալու հզօր փորձանքէն պարտուած գեղացի անոր ուղեղէն: Ու ցա՛ւ մը: Խեղճե ՜ր ը: Ի՞նչ գիտնային անոնք, թէ ամէնէն դժուար, փխրուն ու երկդիմի գիտութիւնն էր անիկա, մարդոց որդիներուն շատ շատին համար: Ի՞նչ իմանային, թէ ամէն մարդ այդ գիտութիւնը կ՚ընէ միայն ու միայն իր ջիղերովը, երբ ասոնք ըլլան բաւական առաձիգ` կշռելու համար կիներուն մարմին ները: Ու իր արցունքովը` երբ կը կործանի շէնքը, կազմածը մեր զգայնութեան, չժուժելով սուտի, կեղծիքի անկարելի նենգութեան հոյակապ ոստայնը, կիներուն մեղքովն ու միսովը ցանցաւոր` մարդոց սրտերու ճամբուն: Կեղծ են գիրքերը, երբ սորվեցնել կը յաւակնին: Խրա՞տը: Փորձառու պատմումնե՜րը: Հեքիաթներ` զորս կը լսեն բոլորը, բայց տղաքը միայն կը յամառին արժեւորել:

Մազ մնաց, որ խենթենար: Բայց առոյգ էր բաւական, ու պաշտպանուած մօտիկ անցեալէն, տանելու համար ստորին հարուածը, գլխուն լախտ մը ուտող ու ատեն մը ատկէ շշմող մէկու մը նման: Երկու հզ օրագոյն պատկերներ, սուտը ու տարփանքը, կրակի պէս փաղաղեցին զինքը: Ու այդ ափափումին մէջ անիկա հալելու, հատնելու զգայութիւնները ունեցաւ: Հողը կակուղցաւ, պղտորեցաւ առջին: Չիյնալու համար` կռնակը տուաւ հնօրեայ ձիթենիին, որուն այտուցաւոր բունը զօրաւոր ցաւեր արթ նցուց անոր մէջքին: Ախոռին ծեծը ու վարդով սա ծեծը իրարու կը հիւսուէին անոր միտքին մէջ: Ու անոր անձը պարպուած էր մարդկեղէն արտայայտութենէ, տերեւէն աւելի գունատ, անմի՛տ աչքերէն:

-Թուղթ մը բանալ տանք:

Պահակը սպասեց Սողոմին պատասխանին, որ չեկաւ:

-Քանի հայրամեր դե ՛ղ է:

Ցոյց կու տար հովիտի գիւղակը, թուրք, իր կտրտուած մինարէովը, բայց հանրահռչակ հոճայովը, որուն հրաշքները գիրքեր լեցնելու չափ առատ էին: Անիկա աւետեր էր օր մը առաջ բանտարկեալներուն ողջ-առողջ դարձը: Յետոյ խորհեցաւ, որ յիմարութիւն էր առաջարկը: Ի՞նչ բանի հ ամ ար թուղթ պիտի բանար ամենակարող կարդացողը:

Սողոմը կը մնար իր կործանած, այլուրային անիմաստութեան մէջ: Չխօսեցաւ աւելորդ ոչ մէկ բառ: Ուստիանին զեկոյցէն ետքը, որ իր հարցումները, հնարքները, խելքին փչածը կը տեղար, տարակոյսէն, արգահատանքէն, հետաքրքրութենէն հաւաս ար ապէս տաղտապուն: Թողուց որ թափէ: Ու անոր բառերուն հետ տեղը մէկէն օտար, ատելի եղաւ իրեն: Ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ այս զայրագնումը անմեղ, բարեկամ սա պահակին դէմ: Ամօթէ՞ն, լքումէ՞ն, կատաղութենէ՞ն, - պաղած էին ոտքի խաղերը, վասնզի չկրցաւ մարմինը զատել ձիթենիէն: Հոգեկ ան քայքայումէն յետոյ մարմինին ալ սա նուաստացումը չէ՞ր աւելորդ: Սիրտին զարկաւ դառնութիւնը այս մտածումին: Ու իր աղքատութեան, անզօրութեան մեծագոյն փաստը, իր մարմինը անիկա վճռեց պատսպարել ամէնէն առաջ պահակին աչքերէն, որոնց մէջ շողացող բարի կարեկցութիւնը զայն կը զայրագնէր, ոճիրի յաճախանք մը փախցնելու չափ անոր հոգիին հորիզոններէն: Նոյն ատեն անիկա հաստատեց շատ բարձր, շատ հպարտ ուրիշ իրողութիւն մը, - չէր վախնար անիկա աշխարհէն, ու իր հասակին ու տարիքին ցուցմունքներէն հազար փարսախ վեր գիտէր ինքզինքը: Ուրկէ՞ կը քաղէր այդ ուժը, սիրողներուն մօտ խելքը` պատահմո՛ւնքն է, բնակա՛նը` կիրքին մշուշը ու ասոր պղտորումին մեր մէջ առաջացուցած հետեւանքները: Ազատելու համար ինքզինքը սպաննելու, արիւն թափելու, առնուազն սիրտ ծակելու փորձութենէն - եւ սակայն չէր գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ուզէր պահակէն -, կատղած շունի մը նման, որ իր ծանօթները չխածնելու համար կը խուսափի, կ՚ըսեն, տիրոջը տունէն, անիկա դարձուց կռնակը, խուլ` պահակին բոլոր պնդումներուն, առանց բառի, առաւ ճամբան, ուրկէ իջած էր:

դդդդդդդդդդդդ Արագ, հեւուն, մա՛նաւանդ թալթլուն իր քալուածքը կը պատկերէր փոթորիկ, ո ր կ՚ոռնար անոր ներսը: Գլուխը կը շիշտէին իրար հակասող մտածումներ: Ամէն մէկը կ՚ուրուանար, յետոյ պահ մը կը կենար յստակ, ըմբիշի պէս անոր ուղեղին դաշտը, կը տրորէր անոր ծալքերը իր ամօթին, կարօտին, զայրոյթին. ու տարփանքին փոփոխակի խոփովը ու կը քաշուէր կրկէսէն: Ու անիկա այդ հերկումին, պատառումին ցաւը կ՚աղար ակռաներուն ներքեւ: Ո՞ւր: Չէր գիտեր: Իր բնազդը վարեց զինքը: Դէպի գեղին հարաւի բլուրները, թաւուտները, որոնք ամայի էին, այդ եղանակին, մարդոց ուրիշ տեղ, այգիներով պարապուած ըլլալէն: Շունչէ, պատկերէ, մա՛նաւանդ սեւեռ աչքէ իր փախուստը կը մատնէր խորունկ կշիռը զինքը սարդի թելերուն նման ամէն դիէ պարուրող, արթուն ըլլալուն հակառակ, կիսաքուն վիճակի մը մէջ բեւեռող մղձաւանջին: Անոր քալելը, նստիլ ուզելը, թաքնուելու համար թուփի մը ետին փոքրանալը խանգարուած էին իրարու աննման, զիրար հերքող զգայութիւններէ, որոնք անոր մտածման կազմածը կը պահէին կարկուտի մը տարափին ներքեւ: Կա՞րգ…: Անիկա ցանցին մէջն էր մինչեւ այդ րոպէն իրեն անծանօթ վախի մը, որ կ՚այրէր, կուծ-կուծ, մէջքին ճամբաները, փապուղիները ու գանկին կամարներուն տակ աքցանի կ՚առնէր անոր հոգիին արմատը, - գեղացին ուղեղին մէջ որոշ կէտ մը կը տեսնէ այդ պատկերին տակ: Յետոյ, անտանելի, ոչ թէ ուժին, այլ` պարզ իր գոյութեան համար, ուրիշ կսկիծ մը, որ սիրտը կը ծակծկէր պահէ ու կնոջ մը մարմինին, բերնին աղը կ՚անցնէր հերկուած միսերուն երեսէն: Բայց աւելի անիկա փչուած կը զգար ինքզինքը զարհուրելի կատաղութենէ մը, որ իր մինչեւ իսկ աչքին բիբերը ճօճումի կը հանէր ու կ՚աւելնար ցաւի, աքցանուելու միւս զգայնութեան: …Կարօ՜տ, զինքը մարմինին բոլոր լարերովը դէպի գեղ, դէպի Նալպանտենց տունը արեւելող, հոսումն ընող, անդիմադրելի սա ցանկութիւնը, որ ջուրի տակ պահուած օձի մը նման գլուխ կը ցցէր իր խռովքին ալեկոծ ակօսումէն ու կը գծէր կորաձեւը տունին ճամբային: Յստակ, գրեթէ լսելի ձայներ կ՚ըսէին իրեն դառնալ ետ, զարնել Նալպանտենց դուռը ու դիզուիլ, անձեւ, Աղուորին առջեւ, հեռուներէն մեկնած ու ափին անզօր փշրուող ալիքին նման: Տարփա՞նք` այն խուլ, բայց որոշելի միւս բզզիւնը, թանձրութիւն ու լայնք թելադրող, որով կը մշուշուին մեր ջիղերը ու կը մեկուսացուին աշխարհին ուրիշ հոսումներուն դէմ, իրենք զիրենք, լիութեամբ, տրամադրելով մէկ ու միակ բանի մը, - սիրականին: Սողոմենց տղան մատաղ ծառերուն մարմինները հազիւ կը յաջողէր պահել իրենց տարազին տակ ու չշփոթել, ներքին հեղումով գոյաւոր զեղծումի մը մէջ, անոնց ճերմակ բուները հանգունատիպ ուրիշ ճերմակներու հետ, կիներուն միսերէն: Նոյն ատեն ակռաներուն տակ շատ պայծառ համ մը, հում լեարդ, փայծաղ կերած մէկու մը նման: Արիւնին այդ համը ողողեց զինքը ակնթարթի մէջ ու հաշտեցուց անոր ներսը տարտամ, բայց տարասեռ բաներ, երեւնալու վախցող, բայց իրենց ուրուային պարոյրներուն վրայ կանգուն, որոնք առաձիգ ճնշումներով կը կանգնէին գիծ ու կարկառ: Ու գտաւ, որ արիւնին այդ յաճախանքը նոր ալ չէր: Թէ` անոր սաղմնային ուրիշ ծփումները ծալեր, ծրարեր էր անիկա աչքերուն դաշտերէն, մօտիկ անցեալի մը խողովակէն: Տեսաւ ինքզինքը, դանակը ափին, երբ վար, իր խշտին էր քշեր Նալպանտենց հարսը, հանելով զայն էրկանը ծոցէն: Կապեց երկու վիճակները իրարու: Ու կը կենար մէջտեղը անոնց, վճռական դանակին բուռը` ամրակուղպ, իր ափին ու, պատրաստ, կարող, գեղը լման անցընելու անոր երախէն: Յանկարծ տաքցաւ: Մէկը վառ լուցկի մը նետեր էր մտապատկերներու սա ոստայնումին: Ու կրակ էր անոր առջին, մեծ` ծովի պէս ու հաստ, որուն մէջ կը սուզուէր, մարխի պէս հալելով ու մխալէն, Նալպանտենց տունը, պառաւը, Սերոբը… ու Աղուորը:

 

Բոլոր այս պատկերները մեծ չափով դուրս էին իմացական, երեւակայական կնիքէ մը ու կը դաշնաւորուէին իբր աղօտ զգայութիւններ, հետեւող, ծալուող` համեմատ անոր յոգնութեան կամ հանգիստին փոփոխակներուն: Պարտաւորուած էր զառիվերը ընելու ատեն չորս-հինգ տեղ հանգչելու: Նոյն ատեն երբեմն-երբեմն կը պարզուէին իբր արտաքին բաներ, գրեթէ սեւեռելի` զգայարանքներուն ասեղներովը, - այնքան ուժգին էր ներկը անոնց կտաւներէ ն: Ու փայլակներ կ՚ակօսէին ջուրերը անոր հոգիին: Փոթորիկ` լիճի մը վրայ, խղդուած լուսնկայով, ափին խարակ ու հեղուկը` մելան: Ինչու՞ այսպէս տեսաւ անիկա իր ներսը: Ուրկէ՞ այս ամբողջական պատկերը: Չգտաւ կապը: Ու կայծակը կը զարնէր խարակներուն ու ամպի սեւ շերտերուն: Հ զօր` խա՛նձը, թելադրելու չափ անոր զգայութիւնը իրական կրակին: Անոր այնպէս կու գար, որ կ՚այրէր ներսէն թանկագին բան մը, ժամուն պզտիկ վարագոյրին կերպասէն, կտա՜ւը իր տարփանքին, տեղ-տեղ, ինչպէս կ՚ըլլայ ատիկա երբ կրակ ցատկէ հարսանեկան քողի մը վրայ: Յանկարծ յիշեց Գագարանենց սրճարանին աղտոտ պատկերը, պատէն, փոթորիկի մը ընդօրինակութիւնը, գունաւոր ու տպագրուած: Սիրտը յուզուեցաւ այդ օրերուն ոգումովը: Ի՜նչ թեթեւ է մեր կուրծքը երբեմն մեր մէջ: Ու կը քալէր անիկա ծանրութեան, դժնդակ քայլը հիմա, յստակ բեռան մը տակ սայթաքուն յառաջացողին: Ոճիրին բեռն էր ատիկա, ձեւուած, կշռուած, պարկի մտած, իր մատներուն կշիռքովը անխուսափելի ու աննահանջ: Որուն բեռնակիրն էր ինքը, զարկած ուսին արիւնն ու կրակը, ինչպէս աղքատիկ փերեզակները, երբ իրենց կապոցները շալկած կ՚անցնին թաղէ թաղ, անվերջ խաչաձեւում մը ընելով ինչ որ ուրիշներ կեանք կ՚անուանեն: Հա՜: Կար ատիկա: Կեա՜նքը, հա՜մը, վայելչութի՜ւնը, կի՜նը ու անոր ծոցը: Այսքան ցանկալի այս զգայութիւնները կը գրգռէին զինքը ո՛չ թէ իրենց պակասին, այլ` իրենց լիութեանը համար: Սովամահը կուշտ սեղանէն փշրանք միայն կրնայ հանդուրժել: Ու իր պղտորումին, խարխլումին, փոխն ի փոխ պողպատումին ու դոնդողումին հետ կը պտըտցնէր ա՛ն` որուն ուրուածումը բաւ էր զինքը ողորմելի խլեակին նման նետելու գետին: Խառնակ այս յուզումները, երկար խուսափումներէ յետոյ, յանգեցան պայծառ պատկերին: - Նալպանտենց հարսին ծոցն էր ատիկա, այս գիշեր ամէն գնով, նոյնիսկ մահուան գնով: Ու այդ պատկերը խոնաւ լեզուի մը նման կը պտըտէր իր ջիղերուն կեդրոններուն, լուսնոտի նման թօթուելով մարմինը վերէն վար: Խե՞նթ: Չըսաւ ատիկա, բանաձեւէ՞ն վախնալուն, թէ համոզուած` իր զգայութեան խոր արժէքին. այնքան վճիտ էր իր պահանջը ու անդիմադրելի:

Անցաւ գեղամօտի պարտէզներէն: Տուներուն բեկորները, պատուհանները, երբեմն ճերմակ երես մը, իրենց մարդկայնութեամբը, զայն գորովի մօտ բանի մը կը հակէին: Ուրիշ էին սիրտերը, որոնք այդ կտորուանքներուն տակ կը տանէին կ եա նքին խուլ, անհասկանալի զարկը ու կ՚ըլլային սովորական ապրողներ: Իր հարցումը ետ դարձող հեղեղի մը պէս ողողեց զինքը: Յիմար էր ի՜նքը: Կարծես այդ մտածումը հաստկեկ վարագոյր մը կը քաշէր Աղուորին մարմինին ու իր մէջտեղը: Սիրտին նուաղում ինկաւ: Ու զարհուրելի յուսահա տութեան մէջ տեսաւ ինքզինքը անկարող դիմանալու, առանց այդ ծոցին: Այն ատե՜ն, այսինքն` երբ դուռը կը գոցուէր ընդմիշտ իր առջին: Մենանալու, ինքզինքը հասունցնելու, ոճիրը եւ խղճմտանքը եփելու որոշումը իրեն բերաւ հաստատ նպաստ մը, որով դիմաւորեց սիրտին ցաւը: Յետոյ, այդ առանձնացումին պէտքն ունէր, օգտուելու համար ուրիշ զօրաւոր մտապատկերէ: Իր բանտի ընկերոջը դէմքն էր ատիկա, որ կը գծուէր հետզհետէ աւելի որոշ, տերեւ ու ճիւղի փսփսուքէն գոյն ու շարժ առնելով: Ե՞րբ հասած էր բլուրներուն ստորոտը, լայնկեկ բացավայրը, ուրկէ կը զատուէին բազմաթիւ ճամբաներ, զանազան ուղղութիւններով: Խճուղին զայն կտրելով մէջքէն կը մօտենար գեղին: Քովնտի ուրիշ արահետներ, ո՛րը զարտուղի գեղ հասնող, ո՛րը` գերեզմանատուն: Առաւ վերջիններէն մէկը, ոչ-բախտովի: Վասնզի ամայի ըսուելու չափ լքուն էր այդ ճամբիկը, փեռեկտուած հեղեղներէ ու տեղ-տեղ ալ անանցելի, ձմրան ու գարնան: Ոլորքի մը սպառումին` դէմ դէմի եկաւ տարիքը առած մէկու մը: Բոպիկ էր անիկա ու իր քայլերը վրիպած էին Սողոմին լսողութենէն: Օտարական, բարեբախտաբար, ինչպէս կ՚ըսէին դէմքն ու տարազը: Ուսէն կախ, երկկողմանի, մազերո ւ կապոց մը, մէջէ մէջ տեղաւորուած: Միւս ուսէն` մախաղը, որով սովոր են պտըտիլ գնչուները թաղէ թաղ: Ծե՛ր: Բայց մա՛նաւանդ ուլունքէ աչքերով դուրսէն փոխ տրուած, այնքան անսովոր էին անոնք թուխ այդ երեսներուն:

Գնչուները մարդոց մօտենալու համար չունին դժուարութիւն: Ամէ ն տարիք օժտուած է, ինքնեկ ձեւով մը, ուրիշները շահագործելու: Ու արհեստին մէջ ճարուած այդ փորձառութեան աստիճանը չափով մը կը կրկնէ քաղաքակիրթ որակուած մարդոց կերպերը: Գնչո°ւն, ծեր, օրհնութեամբ պիտի բանայ բերանը ու տրտում պիտի ընէ աչքերը: Կին` պիտի աղերսէ, առա նց քծնելու, տգեղութեան հզօր վախով մը արգիլուած` այդ մարզին վրայ: Այրերը` համոզկեր, պիտի խօսին ու զիջող իրենց նկարագիրը պիտի ընդլայնեն ազատ ու բարի, ու կարեկցուն պատկերներով: Եղաւ շրջան, երբ անոնք արդար արգահատանքով մը մեզ կը խրատէին:

-Երիտասա՜րդ, սիկար մը:

-Չեմ ծխեր:

-Երիտասա՜րդ, բերան մը հաց:

Նեղուեցաւ այս խնդրանքէն, վասնզի չէր հասկնար զսպանակը: Ծերին ուսէն, մախա՛ղը` մինչեւ իր պուկը լեցուած հացով, խոնաւ կաշիի հոտին հետ կ՚արձակէր բորբոս, փուռը չորցուած ու այրած հացի գոլորշի: Գեղացին սարսափելի է, երբ չկամ կո ւ տայ ողորմութիւնը, վար չմնալու աստիճան քաղաքի խանութպաններէն, որոնք աւրուած ապրանք միայն կը տրամադրեն մուրացիկներուն:

-Ինչո՞ւ կ՚ուզես ինչ որ ունիս:

-Մի բարկանար, երիտասա՛րդ, հացը Աստըծոյ է:

Բարկացա՞ծ էր: Կարմրեցաւ: Իր ալ աղքատութեան քղամիդը կ՚անցընէին աչքերէն: Սեւեռեց հայեացքը վրան, զղջահար ու իր տագնապին ամբողջ կշիռովը ծանրութիւն:

-Սեւ են աչքերդ, երիտասա՛րդ:

-Ի՞նչ կապ ունի աչքը հացին հետ:

-Հացը միսն է հոգիին, տղա՛ս, - ըսաւ անիկա ու կամացուկ ճամբուն չերեւցած մասը գլխու հակումով մը կէս մը զննելէն, առաւ ուս էն կապոցը գետին ու շտկեց մէջքը: Յատակը սկսած էր փտիլ: Կեդրոնէն ալ կիսաղեղ:

-Աչքի՞ն սեւը ինչ ունի կապ…

-Սեւ աչքերը սեւցած սիրտերուն պատուհաններն են:

Պատասխանները հանդարտ էին, չփնտռուած, ըսուող կիսաձայն ու թեթեւ:

-Ո՞րն է սեւցած սիրտը:

-Սիրտը կը սեւնայ, եր բ մարեն անոր մոմը:

-Ո՞վ է մարողը:

-Մարողը մէկ է միշտ, տղա՛ս:

Ու չաւարտեց նախադասութիւնը, գուցէ աւելորդ գտնելով շարունակելը: Սողոմը շատ մատաղատի կը թուէր անոր:

-Չըսիր:

-Կրնար չըսուիլ: Կը պնդես: Գիտցիր ուրեմն. մարողը կնիկն է միշտ:

Ի՜նչ վստահ, ու նոյն ատեն թե լա դրող էր սա բերանը: Ա՞ս ալ գիտցող մը, նման Ուստիանին ու, շատախօ՛ս, ինչպէս պարտքն էր ըլլալ բոլոր գիտցողներուն, երբ իրենցմէ չէ, որ կը խօսին: Որքան ճարտասան ենք ուրիշներու հաշուոյն:

-Դու՜ն ուրկէ գիտես ատ բաները, ծերունի՜:

Ծիծաղելի չէր Սողոմենց տղան: Երկու ա մս ուան մէջ անոր ուղեղը արձանագրած էր աշխարհք մը բան, որոնցմէ մէկ քանին մինակ պիտի բաւէին լեցնելու մարդոց միջին տարիները:

Գնչուն վիրաւորուեցաւ: Անիկա ի՜նչ գիտնար Սողոմին տառապանքը: Տարիներով նախատուած, իր ցեղին մեղքովը, ծերունին չափեց թերաստուեր պեխերով անփ որ ձ երիտասարդը: Անիկա կուլ էր տուած ընթացիկ նախատինքը, - տունի տեղ վրան գործածողներուն մօտ կիներու գերութի՜ւնը:

-Գիտեմ, տղա՛ս, գիտեմ:

Ու տարօրէն մօտ էր այդ շեշտը ձայնին, որով կ՚ոռոգուէր Սողոմին հոգին, իր մենախօսութեանց մէջ: Անմիջապէս անիկա զգաց տարբերութիւ նն ալ, որով կը զատուէին իրարմէ շատխօսիկ Ուստիանը ու սա տրտմահար ծերը, իրենց գիտութեան տեսակարար կշիռովը: Ծերութի՞ւնը, թէ օտարութիւնը (ցեղին) կ՚ընէր այս բերանը այնքան խոր, հասկցող, մօտ:

Սողոմը չէր աւարտած մտովի այս բաղդատութիւնը, երբ լըսւեցան ոտքի ձայներ: Ս ողոմը ըրաւ հեռացումի ձեւ: Անիկա վախին տակն էր գեղէն փրթող հանդիպումի մը: Չունեցաւ տեղ, իր մտածումը իրացնելու: Յայտնուողն էր երիտասարդ կին մը: Աշխոյժ, համարձակ, անցաւ անիկա ծերուկին ու Սողոմին մէջտեղը:

-Սեւաչուի տղայ, նետէ հոս տասը փարա:

Ե՞րբ հանած էր գլխէն լ աչակը, փռած գետին, շտկած ճկուն մէջքը, շալվարին մէջ դարձնելով ինքզինքը, շնորհալի ու հրամայող:

Չենք հաւատար պատգամին, երբ ունինք մերը, հզօրապէս գալարափողուած ու մեզ տախտապարող: Կը հանդուրժենք սակայն ճակտի գիր կարդացողը, մեր պարունակէն հեռու անոր յայտնութիւն նե րը: Բայց քիչ են մարդերը, որոնք դիմանան փորձութեան: Գնչու կինը կախարդ է` ինչպէս ինքը, ճակատագիրը: Մնաց որ, մեզմէ կու գայ յաճախ ընդառաջումը: Դժուար է հանդիպիլ մարդու, որ կամովին զլանայ իր սուրճին բաժակը շարլաթանի մը ակնոցներուն:

Լաչակէն ազատ անոր մազերը, ի րե նց հոծ սեւերովը, դաշն բան մը կը դնէին պճլտուն, խոր, խառնող այդ աչքերուն վերեւ: Ու խուրձեր, հիւսուած խիտ ու մանր-մանր: Իւրաքանչիւրին` հանգուցուած սուտ-պլորիկներ 7, ոսկեձեւ ու առատ:

Սողոմը կը կարծէր նոյնացնել այդ դրամիկները միւսներուն, որոնք իրենց թաղին չոր ս- հինգ տարեկան աղջիկներուն խոպոպները կը դեղնաւորէին: Հզօր էր, անոր վրայ, արտայայտութիւնը, դէմքէն, ջերմ, սիրաւէտ, հանդարտ, հակասելու համար յանդուգն խուզարկութիւնը աչուըներուն, տարօրէն կենսաւէտ, բաբախուն, ու խօսուն: Երեսի շէնքին, շուք մը, պառկուածք մը, որ կր նար մօտեցուիլ ծերուկին արտայայտութեան: Հա՞յրը: Կը հարցնենք ասիկա խուլ ու անհաս հաշիւներէ թելադրուած: Անոր մարմինէն կ՚առնուէր յստակ ծորում մը, բարկ ու պարուրող, սանկ շաղոտ համ մը, ինչպէս էր աշունինը, շուրջը, ամէն բանի վրայ եւ որուն մէջ կ՚ապրին գնչուները: Կիսաբաց ու անպատսպար վրաններուն մաղէն ծծուած զով հոսո՛ւմ, գիշերէն ու վաղ առաւօտէն, որ կը յամառէր մխալ անոր լաթերուն, մա՛նաւանդ մազերուն ցանցին: Ծաղիկ ու կաշի հոտող նոյն ատեն, փոկէն մատներուն փակած, մազը հիւսելէն: Է՞գ: Այսինքն` թարմ մի՞ս: Սողոմը կը զննէր գոյնը, որ մօտ էր դեղին միջակ մոյնքին, վա՛ր` աւշային, ճերմակ դալկութիւններէն, բայց վեր` հաստ ու աշխած կարմրութիւններէն: Չհարցուց ինքնիրեն ինչո՛ւն այս զննութեան: Իր մէջէն դէպի դուրս այս պարպուիլը կը թեթեւցնէր անոր կապարեայ բռնուածքը, որ միակտուր կ՚ընէր իր հոգին առաւօտէն ի վեր, գոցելով զայն ոճիրէն դուրս ամէն կարիքի: Անիկա թողուց, ու հեշտութեամբ, չըսելու համար հեշտանքով, որպէսզի բռնէ զինքը գնչուհին ձեռքէն, քաշէ գրեթէ դէպի փշատը, չորս հինգ քայլ վերօք, բոլորովին մօտ, ընտանի, ինչպէս կ՚ընեն հարսնպարերուն, խպնոտ տղաքը պարին քաշող գեղանի ու մուշտակով հարսները: Ծառը կը դիմանար: Սեւ կուտերու տարափը կ՚ընէր անոր յատակը նկարէն ու յանկուցիչ, աշնան անձրեւներէն նոր ելած բարակուկ խոտերուն քովէն: Պզտիկ ջուրի մը անկողնակն էր այդ ձորամէջը, հիմա ցամաք, բայց ձմրան` հարուստ հոսանքով մը, որ աւազանը կ՚ընէր մաքուր աւազէ: Քովնտի` կածան, շատ քիչ քայքայուած, թաւարծի ստուերով մը աղուացած: Տեղը կէս մը պաշտպանուած, դէպի թթաստանները արշաւին մէջ յանկարծ կանգ առնող, որոնք կ՚ընծայէին աչքին` ինչպէս հոգիին տաքուկ ու գաղջ խորշ մը:

Սողոմը հնազանդեցաւ: Չէ ր կարելի ճշդել զսպանակները, որոնք զինքը կակուղ կ՚ընէին այդ չափով: Միայն այցելեց իրեն այրերու հանդիպումին հեռանկարը ու ատիկա բաւ եղաւ, որպէսզի ամփոփուի իր փուշերուն մէջ: Ճերմակի վրայ այդ վայրի կնոջ մէջէն յստակ բան մը կը թափէր դուրս, որ կ՚ընէր անոր անձը շահեկ ան, նոյնիսկ խոր ձեւով մը հետաքրքիր: Կիները չէզոք են, երբ կաթ կու տան կամ բեռնով են: Բանտը իր մատներով հիւսած ուլունքէ տոպրակէն հանեց ուզուած դրամը եւ նետեց լաչակին: Հաճ, գրեթէ երջանիկ: Մոռցա՞ծ էր ինքզինքը: Ծերուկը վառեր էր արդէն, իր ծխամորճը, քիթէն կոտրած, ու կը հետեւէր զոյգին, տարօրէն տարուած անյայտ բանէ մը: Յուզուած, այցուած կը թուէր ան հեռաւոր զգայութիւններէ:

Նստան: Հեռուներէն իշու մը խռչակը լայն-լայն կը խարտոցէր տարածութիւնը, ծուփ տալով բլուրէ բլուր: Անոր պատառոտուն ընդհատներէն Սողոմենց տղան տեսաւ Ուստի ան ին հովոցը, թզենիին կապուած յանցաւոր աւանակը, որ ուրիշին պարտէզն էր արծեր, ու ձերբակալուեր պահակէն: Առտուն, կենդանին կը պոռար, անօթի ու կրքոտ, փորին բոլոր ուժովը, վարի արահետէն անցնող ամէն ընկերի: Ինչո՞ւ այն ատեն չէր նեղուած Սողոմը այս իշու երաժշտութենէն: Դէմին, գիւղակը, կտրտուած (գագաթէն) մինարէն ու բազմահռչակ հոճան, որ իր թուղթերովն ու շէրպէթներովը իրարու կը բերէր սիրող ու սիրական, հոգ չէ թէ արիւնով կամ սուրով, նոյնիսկ եօթը լեռնով բաժնուած:

Գնչուհին, լուրջ, առաձիգ ու հոտաւէտ իր մարմինը դրաւ իր ծունկերուն վ րայ: Հինա` մատներուն ծայրը, վերերը` բեռնաւո՛ր գոյն-գոյն ապակիներով: Դաստակներուն` հիլալ, բազմագոյն, շողիւնոտ: Ապարանջ, հաստէն, բարակէն: Հաճիներ, Երուսաղէմի պարտէզներով: Մորթը, մօտէն աւելի բաց, աչք առնելու չափ, քանի որ տիպարին ընդհանուր գոյնը թուխն է, քիչ մը աղօտ, որ տարիքին հետ կը հոծնայ ու կը գոցուի: Լաչակին մէկ պոչէն արձակեց մատնի մը, չար, խոշոր, կապոյտ քարով մը ուռուցիկ: Անցուց զայն պարապ մատին: Թեթեւ յուզումով մը, աւելի հետաքրքրութիւն, քան լուրջ խռովք, անդադար աչքին սլաքին տակ պահելով դալկոտ ու գեղա դեմ երիտասարդը: Մատնեւոր մատովը անիկա գծեր էր բոլորակ մը, կէս կանգուն տրամագիծով, աւազին վրայ: Աւելի հոտէն, քան ըրածներէն շուարած` տղան տուաւ իր ձեռքը: Գնչուհին կը սեղմէր ու կը խօսէր անոր, իր հինայուոր ու ոսկեբեռն մատներով: Նոյն ատեն ազատ իր ափովը փակեց անոր աչքերը, մեղմ ու գորովոտ: Մանուկի մը չափ խելօք, փոյթ իսկ չընելով կիսաբաց քսակը - գնչուները համբաւ ունին արագութեան ու ճարտարութեան, երբ կողոպտելու վրայ է հարցը -, Սողոմը մոռցաւ իր ձեռքը, որ հնազանդելով կնոջ մատին, բոլորակի երեսին կը քաշէր անկանոն գիծեր: Տարօրինակ աղօթք մը, լեզուէն հիմնովին անծանօթ, բայց բառի փշրանքներով տեսակ մը հայեվար յիշեցնող, կ՚ընկերանար այս արարողութեան: Անտարբեր անոր միսթիք կողմին, Սողոմը խոր հաճոյքով կը դատէր սա մօտութիւնը: Թեթեւ կ՚ըլլան գնչուներուն զգեստները, բանալու չափ անոնց մարմիններուն կարգ մը մասերը: Խոնաւ ու էգ բան մը կը դողար պատկերին վրայ: Փակուած աչքերը գուցէ կը նպաստէին այս պատրանքին: Դաստակին ու երեսներուն վրայ կանացի այս փայփայանքը զայն ըրաւ խռոված ու մութ: Տարփանքը ժխտական կը սկսի: Երբ քակուեցան միսին շղթաները անոր աչք երէն, ճերմակ ու փշուր աստղեր կը հետեւէին այդ մատներուն, վրայի ապակեղէնին բիւրեղներէն:

-Ընելի՞քդ:

Գիտէր սակայն, հարիւրներով հանդիպած ըլլալուն այս խաղարկութեան: Սուտը անոնց գուշակութեան դուրս էր կասկածէ: Բայց երբեմն մենք կը խօսինք, պարտկելու համար մեր միսին այ լապէս հզօր խռովքը: Լռութիւնը, նման պահերու, սեռային մշուշը յորձանող ազդակ մըն է ու երկիւղալի:

Գնչուհին չէր լսեր: Անիկա, նախ քան խորհուրդին մէջ իր մուտքը, իր նայուածքովը պարուրած էր զայն, սանկ մօտ, դպող, քսուող` լեզուի պէս: Կիները երբեմն գիտեն գաղտնիքը ա յդ աչքերուն: Խռո՞վքը, ուրիշ աւելի՞ նոր բաներ, պահը ըրին մէկէն ի մէկ տարօրինակ: Նոյն րոպէին ծռեցաւ գուշակուհին դէպի բոլորակին գիծերը, խազխզուած` Սողոմին մատներէն: Ճարտար խնամքով տարուած այս շարժումը, անոր կիսասքող ծոցէն, մէջտեղ դրաւ անոր ստինքները: Կուրծքին հովիտը, նոյն մորթով, ինչպէս այտերունը: Բայց կծիկները` ուրիշ: Անոնց յօրինուածքը կը հպատակէր ուրիշ կաղապարի, տարօրէն տպաւորիչ: Ո՛չ շատ, ոչ ալ ցամաք: Բայց մա՛նաւանդ հաստատ, հերքելու չափ դասական տոպրակները, որոնք գեղի հարսներուն կուրծքը կ՚ընեն այնքան անհրապոյ ր, կախ ու ճմռուած իրերայաջորդ դիեցումներէն: Ու հեռո՛ւ` նոյն ատեն ուժով ու լիխպ միւս առատութիւններէն, գէրերու, ամուլներու լողացող կուրծքին: Ու կը զատուէին անոնց պտուկները, յիշեցնելով սեւնալու վրայ խաղողի հատիկները: Ու անոնց մարմինը նման էր փուռէն նոր ելած զատկական կարկանդակի, իւղոտ, օծուն, բաց ու ժպտող երանգով ու ամրօրէն նստած, ամփոփ, իրենց հովտայատակին: Պատկերը ըրաւ Սողոմենց Սողոմը կին չճանչցող պատանիի մը նման յիմար ու եղկելի:

-Ի՞նչ է աս:

Ահաբեկ ու խոր յուզումով այս հարցականը կ՚արտայայտէր թէ՛ սարսափ, թէ՛ ան կէ աւելի բան մը, վճիտ այն երանգը, որով աղէտը կը դատենք մեր սիրածներուն պարունակով: Անիկա մարմնովը, խոպոպներուն ոսկիներովը եւ համայիլներովը կը դողար, ու շրթները դալկացած: Կը ցնցուէ՞ր, թէ կը տեստիանէր:

-Աղջի՞կ ես դուն:

Որքան յիմար կը թուին մեր հարցումները դ ու րսէն լսողներուն: Բայց ո՛վ կը հետաքրքրուէր անոնց բխումին տրամովը:

-Աղջիկ է, - միջամտեց ծերը, որ չէր կրնար թափանցել հարցումի շարժառիթին, քիչ մը բաց նստելուն: Միայն խռոված էին իր բառերը: Կը յիշէր նոյն հարցումը` ուրիշ բերաններէ, ի՜ր բերանէն:

Սողոմին աչքերը, յա ռած ու մնայուն նոյն կէտին պատասխան կը սպասէին գունատ աղջիկէն, որ, գիտակ իր յուզումին, դարձաւ իր առջի դիրքին, շարունակելու համար խորունկ իր զննութիւնը, բոլորակին գիծերէն:

-Ի՜նչ է աս, երիտասա՛րդ:

Լաց ու շաքար էր անոր ձայնը նոյն ատեն:

Շտկեց մարմինը: Ստինքներ ը, հաւու տակ ապաստանող վառեկներու նման, անհետ եղան: Գունաւոր պասմայէ պլուզը անկարող էր ջնջելու քիչ առաջուան տեսիլքին հրապոյրը: Նոյն ատեն անիկա սուզուեցաւ, ամբողջ մարմնովը ներս` տղուն աչքերէն: Լիրբ, յարձակող, ցանկայարոյց ու ճռուողուն` ինչպէս նոր լեզու ելած աղջնակ մը: Տարերային այս մատուցումը լսած էր Սողոմենց տղան, բանտի պատմածներէն, ու դատած պոռնիկները: Գնչուհին կը ջանար դիմանալ իր առքին մէջ, պահելու տղուն նայուածքը իր հասողութեան տակ: Շատցած էր դալուկը անոր շրթներուն, տարածուելով մինչեւ մութ կարմիր թաւիշը անոր այտերուն:

-Յիսուս Քրիստոս, - հազիւ կարողացաւ մրմնջել անիկա: Թեւերը ինկած էին ծունկերուն: Սուր, արիւնի թաթխուած մատիկներուն դունչը, աղուէսի, գազանի եւ ուրիշ բզկտող անասունի մը խարդախ մագիլները կը յիշեցնէր Սողոմենց տղուն: Նոյն ատեն աջ ձեռքը բարձրացաւ ճակ տի ն: Ուրուացածը անյաջող շարժում մըն էր սուտ խաչի մը:

-Հա՞յ ես դուն:

-Խաչապաշտ ենք, - ուղղեց ծերը:

Որքան ատեն, որ չեն հալածուիր, գնչուները կ՚ուրանան ուրիշ ցեղերը ու լռելեայն արհամարհանքը գուցէ թաքուն պահպանակ մըն է, որով դիմացած է նախնական իրենց կենցաղը ու կրթութիւնը հզօրագոյն քաղաքակրթութիւններու: Անոնք կային, սա հողերուն վրայէն աստանդական իրենց վաչերովը երկուտասնեակ դարեր առաջ ու կան այսօր ալ: Կ՚ըլլան հոսանքին հետ, զայն կը կրեն, երբ չկարենան խուսափիլ, պահ մը կ՚ընկըղմին, բայց յորձանքէն յետոյ կը գտնեն զիրենք, հեղեղէն ազատուող խլեակներուն նման: Կը միանան կրկին ու կը սկսին իրենց կեանքը հոնկէ, ուրկէ առած էր զիրենք արիւնին ուրականը:

Աղջիկը կղպած էր շրթները: Բերնին վրայ, խաչ հանող անոր ձեռքը երկու մատ էր դրեր, ոսկիով ու փայլուն քարերով շողաձակ, որոնք կը վառէին արե ւէ ն ու անոր լռութիւնը կը լուսաւորէին:

-Ինչո՞ւ չես խօսիր:

Մե՛ղմ:

-Ի՞նչ է տեսածդ:

Գրեթէ կը խնդար Սողոմենց տղան, տարուած խաղէն ու սա քմայքէն, էգ ու պոռնիկ, ինչպէս կը դատէր անիկա կացութիւնը կարճ իր խելքովը:

Գնչուհին նետեց գլուխը ետ: Աչքերը մանրացան, ու կէտի մը ն ման գամուեցան անոր ճիշդ բիբին:

-Ի՜նչ վախկոտ ես դուն:

-Մէկէն չեմ վախցած:

-Ո՞չ մէկէն:

-Ո՛չ մէկէն:

-Մի ըսեր ատանկ, տղա՛ս, - ձայնեց ծերը, մեծ պուկ մը ծուխ փչելով դէպի արարմունքը: Անիկա կը խորհէր կիներուն, անոնց եղէգի ուժին, որով առիւծի պէս այրերը կը տապալէին ո ւ կը ստիպէին զանոնք լզելու իրենց կրունկները: Չգոհացաւ ու աւելցուց.

-Չե՞ս վախնար կնիկներէն:

Սողոմենց տղան կրակի պէս տաքցաւ այս պատկերէն: Ինչպէ՜ս իր ափը մէջքին մէջ գտաւ իր դանակը: Կինե՜րը: Կը ճանչնար զոյգ մը անոնցմէ: Անհուն եղաւ իր զարմացումը, որ այդքան հե ռո ւ կը թուէին հիմա Նալպանտենց կիները: Բայց անոնց վերադարձն իսկ բա՛ւ` իրեն մէջ բանալու պրկախտի, հոգեկան պրկախտի կարծրութիւնը, ուրկէ ազատուած էր, գէթ կը գտնէր այդպէս, գնչուհիին ճառագայթումովը: Յետոյ իրեն այցելեց բանտը, տղաքը: Ու իրա՛ւ` իր այն ընկերը, որ մորթ ած էր սիրականը:

-Արիւնի մէջէն կը քալես:

-Ե՞ս:

Զարմացաւ: Անիկա կը կարծէր պատգամը ուղղուած իր քովի տղուն: Լուացեր էր մարդասպանը սիրականին արիւնով ոտքերը ու ձեռքերը, քիթն ու բերա՜նը:

-Դո՜ւն:

Ու դող կար անոր ձայնին մէջ, մանր, կարեկցող սարսուռը, որ չի բացատրուի ր: Անորոշ է անիկա իր ծագումին` ինչպէս թելադրութեանը իմաստէն: Ի՞նչ է ըսել ուզածը: Որո՞ւ կը մտածեն կիները, երբ կը վախնան մէկու մը համար, իրե՞նց` թէ իրենցմէ վեր ուրիշ բանի, բաներու:

-Ե՞րբ:

-Հիմա:

-Հիմա՜:

Տա՛ք: Ըսած էր հատու:

-Քիչ ե՛տքը:

Պայծառ: Ըսած էր հաստատ ա ւելի քան բերանը կիսատ մարգարէի մը:

-Կէս գիշերին:

Ու նուաղ էր անոր ձայնը, ինչպէս մոմ մը, որ կը մխուի հեղուկի մը մէջ:

Պատգամին արտակարգ պայծառութիւնը ու տեւողութեան կարճ չափը իրարու աւելցան` թանձրացնելու համար տարակայ, բայց ստոյգ խռովքը: Սողոմենց տղան զգաց, որ կը ձգէին զինքը իր փոսին մէջ, ուրկէ պահ մը ազատ կը կարծէր ինքզինքը: Ծերունին պարպեց իր մորճը, թօթուեց փշուրները տրեխի քիթին ու մօտեցաւ զոյգին: Քաղցր ու խաղաղ արեւ էր բոլորակին: Անասնիկ մը, որ սարդի` ինչպէս բզէզի նմանութիւն ունէր, սեփասեւ, մաղաձեւ իր տո տիկներով, մտեր էր ներս շրջանակէն ու ոսկեփայլ իր կռնակը կը տանէր բարակ իր թաթիկներուն վրայ, գլորուելով գիծերու փոսիկին, ելլելով, իյնալով, բայց կանգ չառնելով: Ի՞նչ կը տանէր միջատը այդ սրբազան բաւիղներէն, ուր ճակատագրին ասեղը այնքան խոր բաներ էր գրեր: Տերեւ մը, նոր ինկած խողովակաձեւ իր մարմինը իբր ագուգայ ձգեր էր երկու գիծերու հանգոյցին: Ու պարզ այս բաները կ՚ազդէին բարդ իրենց իմաստներովը արդէն խճող կացութեան:

-Ե՞տքը:

Կիսատ էր շեշտը Սողոմենց տղուն: Կը տառապէ՞ր, հաւատալ չուզողի իր ցրտութեան մէջ` վիրաւորուած ու վ ախ ցած: Իրականը ա՛ն էր, որ կ՚ուզէր անիկա աւրել ճակատագրին սկուտեղը ու պլլուիլ գնչու այդ բերանին: Խենթ են մարդերը մինչեւ կործանում:

-Կրակին մէջէն կը քալես:

-Ե՞րբ:

-Հիմա՛, քիչ ետքը, կէս գիշերին:

Նոյնքան հատու, պայծառ ու մարգարէ:

-Ե՞տքը:

Գնչուհին, ջղայնոտ, նետ եց բզէզը: Հեռացե՞ր էր անիկա տեսարանէն: Իր ձայնը կու տար այդ տպաւորութիւնը, երբ հեկեկուն, նոր հեգող տղու մը նման, կակազելով, երկարաձգուելով իր իսկ հնչումէն, արտասանեց.

-Մութ կամարներէ:

Շունչ առաւ: Աչքը ագուգայի հանգոյցին, նման մէկու մը, որ իրարմէ բզկտուած ե րկ ու մասեր կը ձգտի իրար բերելու, հաւաքեց իր ուժերը ու անձուկով ու տառապող`

-Կախաղանին ներքեւէն:

Զատեց անիկա աչքերը կախարդ բոլորակէն: Անդիմադրելի սարսուռ մը համակած էր անոր մարմինը, ուժով եւ որ կը փոխանցուէր երիտասարդին:

-Որմէ՞ կը վախնաս:

Չըսաւ անիկա իր վախը, բայց անոր այտերը բռնուեցան կապտախառն բանէ մը: Սիրող կինեուն մօտ կ՚երեւի այս մելանացումը, յանկարծական ու խիստ, արդիւնք` նախանձի հեղումին: Որմէ՞ կը նախանձէր:

-Սիրտերու պարտէզէն, - ստիպուեցաւ անիկա խօսելու: Ու խեղճ էր անոր բերանը ու խղճալի:

-Չե՞ս հասկնար, - ա ւելցուց, տղուն թերահաւատ, օտար պատկերէն գրգռուած: Վիրաւոր ժպիտ մը դողաց ու անցաւ արագ: Կիները շատ քիչ անգամ զսպեցին իրենց բերանը.

-Պալատներէ…

Գնչուհին կեցաւ: Դժնդակ յոգնութիւն մը անոր մատաղ երեսին դրեր էր լքում ու դաժան չարութիւն: Անիկա առքին մէջն էր պ ալ ատներուն, մեծ ու հեռու, ծովերու ափին: Ու կինե՜ր: Ու փառք ու ոսկի:

-Ե՞րբ:

-Աւելի ուշ: Շաբաթ, ամիս, տարիներ:

Առանց գիտնալու առած էր կրկին ափը Սողոմին, որուն արտասովոր ջերմութիւնը կճեց նախանձէն սառած իր ձեռքը: Դիմաւորելով տղուն մտապատկերը` երկարեց միւս ափը ան որ բերանին:

-Ա՛լ մի հարցներ:

Կը վախնար նայելու պալատներէն անդին:

-Ե՞տքը:

Մատներուն ընդմէջէն, տղան բռնաբարեց գուշակին պատուէրը:

Դարձաւ բոլորակին: Ու արցունքը կը վազէր անոր այտերէն առատ ու անկեղծ: Պալատներէն անդի՜ն: Անշուշտ` գերեզմա՛ն, կամ կրծուած մանր ճճի նե րէ, որոնք հիւանդութիւնը կ՚ածէ մեր միսերուն մէջ. կամ` ինկած` դանակի բերնին: Կամ` ինքզինքը կախած իր իսկ տառապանքին եռոտանիին: Ո՜վ մարդերու ճակատագիր, որքա՜ն իրաւ ես դուն:

Չըսաւ տեսածները: Պէտք չունէր: Սիրաւէտ, սիրահար աղջիկն էր անիկա, երբ իր նայուածքը դրած ա նոր նայուածքին, պաղատանքէ վեր ու սրտառուչ անկեղծութեամբ մը աւելցուց.

-Սեւաչուի տղա՜յ…

Ու չկրցաւ շարունակել: Ափերը կը պրկէին տղուն մատները: Յետոյ զգալով ծանրութիւնը ծերին աչքերուն` թոթովեց, նշանացի, ցոյց տալով դրամը.

-Առ ատիկա:

Լսուած բան չէ, որ գնչունե րը մերժեն դրամը: Բարակ ու կարմրորակ մետաղը նետուած էր դուրս լաչակէն: Գլորուեցաւ ու պառկեցաւ աւազին մէջ, մէկ կուշտը վեր: Տղուն ձեռքը անշարժ էր անոր ափին:

Երկու ամիսէ ի վեր Սողոմին գլուխէն անցնող ու դարձող տարադէպ դրուագներուն արժանաւոր մէկ ընկերն ալ սա պատա հա րն էր, բաց արեւով, ծերունի պահակի մը հսկողութեան տակ: Անոր արիւնը կ՚եփէր խռովքէն, ուր իրենց լարը ունէին տարփանքն ու վտանգը հաւասարապէս, վարի գեղը իր անօրէն կնիկներովն ու ազգուրաց այրերովը ու սա հեռուներէն փրթած, իր ճամբուն անակնկալ ինկած աղջիկը, ճակատագիրէն խօսող, բայց ըլլալով ինքն իսկ ճակատագիրը: Յետոյ` անոր մէջ լեզու գտաւ միւս պատկերը, իր ցեղին, տունին, մօրն ու նշանածին պզտիկ, խուփ յուզումներէն գոյաւոր: Անիկա լքուած էր իր ատելութենէն, ոճիրին մղձուկէն ու կը նայէր սրտառուչ միամտութեամբ մը, ածուխի պէս սեւ, կախարդ բիբերուն:

-Կու գա՞ս ինծի հետ:

-Ո՞ւր:

-Արիւն է ճամբադ:

-Ո՞րն է քու ճամբադ:

Ո՞րն էր ճամբան բացաստաններու աղջկան, որ այրերը կը ճանչնար տասը տարիէ ի վեր, իր մարմինին ճամբաներէն, մատաղ մանչն ու երկաթ երիտասարդը, հասուկն ու նստողին նման ալեւորը եւ ոչինչ գի տէր կեանքին իմաստէն: Ո՞րն էր ճամբան միսի այդ կտորին, որուն խմորը կ՚երկարէր մինչեւ շուշանաթոյր միսերը կայսրուհիներուն, բայց որուն սիրտը մշտաբաց վրան մըն էր, խորան մը աստուածներու, զորս չէր ճանչնար:

Դողահար` ծերը ձգեց իր կապար հայեացքը աղջկան վրայ, որ անայլ այ լ.

-Կրակ է ճամբադ. սեւաչուի տղայ, եկուր ինծի հետ:

Անիկա մօտ էր լալու:

-Ո՞ւր:

-Ո՜ւր:

Մէկէն անոր աչքին ինկաւ իր ցեղը, որ կը հերքէր սա միւսներուն բոլոր փառքերը: Ո՜ւր կը կանչէր անիկա սեւաչուի տղան: Մա՞ղ գործելու:

-Գործիդ գնա՛, զաւակս, - աւելցուց ծերը, օգտուե լո վ վարանոտ լռութենէն, որ արդիւնքն էր հարցումին:

-Կարճ ըրէ՛ լեզուդ, - դարձաւ անոր աղջիկը: Ու անիկա գտած էր վայրագ ուժգնութիւնը, որով կը ծեծուէր սիրտը այդ պահուն:

-Չե՞ս խպնիր մազերէդ:

Գնչուներու կռիւը գունագեղ կ՚ըլլայ: Սողոմը քանի՜-քանի՜ հեղ ականատես էր ե ղե ր ատոր: Իրարու վրայ կը թափէին աշխարհին բոլոր կեղտը, քիչ ետքը ծեծի տակ հաշտուելու պայմանով:

-Քեզի` քու փարադ:

Մաղագործներու բարքերը, հակառակ խիստ արգելքին, որ մահուամբ կը պատժէ ցեղին հանդէպ դաւաճանները, ինկած էին թափանցումի: Սովի տարիներուն անոնց կիները, հա ցի գնով, կը ծախէին իրենց մարմինները հայու ու թուրքի: Բայց տեսնուած չէր, որ անոնք լքէին իրենց վրանները, նոյնիսկ ամէնէն գեղեցիկ տունին փոխարէն: Թուրքերէն շատերը ըրած են փորձը ու պատժուած: Կինը, քաշուած իր բնազդներէն, կը փախչի տանիքէն ու, մահը աչքը առած` կը վազէ իր վրանին: Երջանիկ է, երբ իբր հասարակաց կին կարենայ հետեւիլ կարաւանին:

Շատ բացառիկ հրապոյրներ կը մեղմեն երբեմն դատակնիքը, հրապոյրներ, որոնք քաղքենի արիւն մը գուշակել կու տան, մօրը վրայով, պէյերէ կամ էֆէնտիներէ: Սիրահարութիւնը վայրագ ու աղէտաւոր երեւո յթ է նախնական այդ ուղեղներուն մէջ: Անիկա, այդ իսկ զօրութեամբ, կը հաստատէ դասալիքը ցեղին աւանդութեանց մէջ: Ու հետեւող ամուսնութիւնը, որ մահմետական օրէնսդրութեան կը հակի, թեթեւ ու առաձիգ, կը բաւէ ճեղքը փակելու: Ծերունին, շան պէս դառնալու համար այդ աղջկան ետե ւէն, վճարող ըլլալու էր կարաւանին մէջէն ամէնէն շատ: Աղջկա՞ն, թէ հօրը: Սողոմը կ՚անգիտանար:

Հազիւ սկիզբ առած փոքր այս տրամը` պիտի մնար անաւարտ: Մէկէն բուսան, տասնով, քսանով կիներ, աղջիկներ, ճիժ ու քալող, բոլորին ալ շալակին մազերու շարոց: Ասոնց տեսարան մուտքը աղ ջիկը ըրաւ գունատ, դեղին ըսուելու չափ: Սողոմը չէր գիտեր, թէ եօթներորդ տղան սպաննելու պատճառ ըլլալէ ետքը, գնչուհին կը պահուէր այդ ցեղախումբին անողոք զայրոյթին տակ: Անոր սիրահարուած ծերունին իր կինը թողած էր կասկածելի պայմաններու տակ ու ոսկիներովը միայն դիմ ագրաւած գայթակղութիւնը: Ու կ՚ընէր իր դարպասը զգլխիչ աղջկան, որ ամէն օր կ՚ուտէր թոյնն ու արհամարհանքը բոլոր վրաններուն:

Տասը տարեկան աղջիկ մը արդէն համբարձուած էր տասնոցը գետնէն: Ի՜նչ արագ էր անոր բնազդը: Ցեղէն դուրս ամէն արարած կողոպուտի նիւթ էր անոր: Ուրի շ մը, աւելի մեծկակ, նշաչուի ու նուռի կեղեւի գոյն երեսով, պարպելու ձեռնարկած էր ուլունքէ տոպրակը: Ունէր հասակ, վայելչութիւն, գուշակուհիի գիծէն ու չար, դաժան նայուածք: Թեթեւ վարանում մը, ատամներու կճրտում մը, գուշակուհին խլեց քսակը ու խծկեց տղուն մէջքը:

Փոթո րի կը արձակուած էր: Խուժեցին կիները: Բոլոր կոկորդները կը ճուային զարհուրելի կարծրութեամբ բարբառ մը, բոլորովին անհասկնալի: Մաղերը նետուեցան գետին: Նոյն ատեն ութ-տասը կին, աշխարհի ամէնէն տգեղներէն, հնոց մտած ու ելած երկաթի գոյն մատներով, շրջապատեցին Սողոմը: Ս պառնագին, մութ մորթին վրայ դեղին աչքերու դաժան պրկումով` շղթան հետզհետէ մօտեցաւ: Մնացեալները արդէն սկսած էին իրենց պաշտամունքը: Տեղի ունեցաւ ճշմարիտ բզկտում մը, սրտանց ու անխնայ: Կծիկ-կծիկ առին մազերը աղջկան գետնամած գլուխէն: Ու ծեծը տուաւ իր արդիւնքը, - ենթակային անպաշտպան կործանումը գետին: Թակոցը դադրած էր, բայց կը բարձրանար խաժամուժ աղաղակը, յորդելով ու ձորամէջն ի վար երկարելով դէպի գեղ:

Տեսարանին վրայ յայտ եկաւ կանոնաւոր դիմագծերով մարդ մը: Քառսուննոց ու տխուր: Անոր երեւումը ահի մէջ ձգեց անճարակ ծերունի ն, որ յանցանքի մէջ բռնուած շունի մը նման կծկտեցաւ քովնտի:

Քառսուննոցը մօտեցաւ ծերին, ջուխտ մը կրակի պէս ապտակ հասցուց աջին ու ձախին: Ծերունին փղձկեցաւ ու լացը անզօր մանուկի լացին էր նման: Ոչ ոք խղճաց այդ նախատինքին: Յետոյ վազեց նոյն մարդը - հայրն էր գուշակ ու հիին - դէպի պառկած աղջիկը, բռնեց ծոծրակէն բութ մատովը, միւս ձեռքով սրունքին կոճէն, վերցուց խլուրդի պէս անխօս, գուցէ զգայազիրկ աղջիկը, հասակովը, գետնէն նետեց չորս քայլ անդին, փայտի կտորի մը պէս: Տեսան զինքը, որ քալեց, կոխկռտեց կողերուն, թքաւ արնաշաղախ անո ր այտերուն: Այդ գործողութիւնը եղած էր այնքան բուռն, բայց կանոնաւոր, որ Սողոմը շրջապատողները, հետաքրքրութեամբ, մոռցան երիտասարդը: Օգտուելով ասկէ` Սողոմը քաշած էր դանակը ու խոյացած դէպի ծեծողը: Դեռ անոր չհասած` անիկա դիմաւորուեցաւ սադայէլեան ձեւէ մը, խումբին հիմնական կախարդը:

-Ի՞նչ կ՚ուզես, երիտասա՛րդ, - ձայնեց ուժով պեխաւոր կինը, կարճ ու կտրուկ: Ակնթարթի մէջ անիկա կարկամեցուցած էր անոր երկու բազուկները, երկաթ իր բռունցքներուն մէջ: Դանակը, աւելոդ փայտի մը պէս` ինկաւ վար անոր մատներէն: Մօտ էին միւսները, շունչե րն ին տալու չափ անոր աչքերուն: Բայց զինքը բռնողին, ահաւոր տգեղութիւնը, կիրքով ուռեցած, բաւ էր մարդերէն սառեցնելու արեան վերջին կաթիլը: Դեղին անոր նայուածքը օձի աչքէն կը փրթէր կարծես:

-Տղա՜յ, - աւելցուց ուրիշ մը, որ դուրս դարձած վերի շրթունքին տակ դեղնած ժան իք մը միայն ունէր, - եօթը տղու գլուխ է կերած:

-Մեղք է արեւուդ, - հասցուց երրորդ մը:

-Ո՞վ, - հարցուց Սողոմը, ամօթէն ու յուզումէն դողալով, բայց չփորձելով բազուկները քակելու յիմար ջանք մը:

-Պոռնի՜կը:

Ցոյց տալով գետնամած աղջիկը, ա՛ն` որ ուլունքէ քսակը պարպելո ւ էր ձեռնարկած ու կանանչ հրապոյր մը կը փախցնէր, նշաձեւ աչքերէն:

Նոյն ատեն ուրիշ կիներ առին աղջիկը հօրը ոտքերէն ու քշեցին առաջ: Սուր, բզկտող, անդիմադրելի ճիչ էր հիմա տեսարանը:

Սողոմը ձգած` կախարդ մեգերան, երկաթ իր մատներով, կը հրէր երիտասարդ աղջիկը: Անիկա ե տի ն իսկ չնայեցաւ: Ոչ ոք մտքէն անցուցած էր առնել դանակը: Գեղին սահմաններուն վրայ բռնութեան ամէն արարք անոնք պարտաւոր էին քաւելու ու քաւած քանի՜ անգամներ: Հաւարը տեւեց քիչ մըն ալ, կարծես ըլլար իրական առեւանգում: Երբ խումբը հալեցաւ ոլորքին ետեւ, Սողոմը աւելի քան մինակ էր, բոլորակին առջեւ, որ կը մնար անաղարտ: Ինչպէ՜ս յարգուած էր աւազի այդ պատգամը: Աւելի` նետուած բզէզը, իր թեւիկներուն թաւիշը բացեր, կը սանտրէր սեւ բողկուկներովը, մեծ գիծի մը հանգոյցին, որ լճակի մը պէս խոր թուեցաւ անոր:

Վայրագ տեսարանին այս կերպ վա խճ անը դի՞ւր եկաւ իրեն: Կեանքին երկրորդ նուաստացո¯ւմը, դարձեալ կնիկի մը երեսէն: Աղջկան պատկերը պահ մը յամառեցաւ թափառիլ անոր առջեւները: Կը դիմանար ամէնէն շատ ծոցը իր զոյգ ծիծերուն անմոռանալի յարդարանքովը: Այդ վերյիշումը ըրաւ զինքը գրեթէ յիմար: Ինչու՞ էր կեց եր ու չէր վազեր: Բայց շարուեցան աչքին միւսները: Բայց դրուեցաւ գետնին անոնց վճիռը, - պոռնի՜կը: Ինչո՞ւ կ՚ուզէր հիմա, որ ըլլար իրաւ այդ վճիռը, զոր քիչ առաջ անարդար կը գտնէր: Ու ահա իր աչքին երկրորդ փլանին բանտի տղաքը, որոնք անոնց ծոցէն բանտը կ՚արթննային: Քիչ մը օրուեցաւ զգայութիւններով ու ծուէն-ծուէն անիկա դարձաւ հիմնական իր վիճակին: Դիմացողը այս անցուդարձերէն գուշակութեան տարօրինակ դրուագն էր, իր սկիզբովը միայն զօրաւոր: Անոր վախճանը մոռցած էր նոյնիսկ: Ծիծաղեցաւ, բայց դառն ու արիւնոտ էր այդ ծիծաղը: Ո՞վ ըսաւ իրեն «լալ իր Կարապետին վրայ»: Ո՞ւր անցընէր պիտի գիշերը: Նալպանտենց հա՜րս, ծնած չըլլայիր: Լացն էր պակաս այս դժնդակ մտածման առջեւ: Եկաւ իրեն հօրը պատկերը: Լուրջ, զուսպ, բարի:

-Ինչո՞ւ թողուցիր տղադ, - ըսաւ անիկա տրտում պատկերին ու լեցուեցան աչքերը:

 

1 Շարքի - ձգձգուն եղանակով սիրերգ:

2 Ճինիվիզ - ճենովական: Որ թուրքերը կանխող գրաւումն է ծովեզերեայ կարգ մը բերդերու վրայ: Տարազը ընդհանրացած է, թուրքերու ծանօթ պարզապաշտութեամբը:

3 Տաղել - խարանել:

4 Հէվէնկ - խաղողի ողկոյզներու հիւսք:

5 Միննէթի տակ մնալ - երախտիքը չփոխարինել:

6 Սայպել - հեղուկ մը դէպի տեղ մը քշել:

7 Սուտ-պլորիկ - ոսկեգոյն թիթեղ, կլոր ու փորագրուած, պատրանքը տալով ոսկի դրամիկներու: