Գ
Օրը
կանու
խ
էր
սակայն:
Խրատուած`
լքեց
կածանը
ու
առաւ
պարտէզներու
գիծը:
Անոր
միտքին
մէջ,
լերդացած
արիւնի
մը
նման
կը
կենար
հիմա
վարի
տունը,
արիւնոտ
իր
հարսովը:
Զգոյշ,
խռով,
յաճախուած
կրակէն
ու
արիւնէն,
հետզհետէ
մոռնալով
գնչուհին,
առանց
մէկէն
աշուելու
հասաւ
անիկա
գերե
զմ
անատան
բլուրը:
Տաք
ու
հասկնալի
խորշանք
մը
հեռացուց
զինքը
մահուան
դաշտէն,
ուր
դժկամ
կը
կոխէր
ոտք,
հօրը
մահէն
ասդին,
հակառակ
աւելի
կանուխ,
գրեթէ
ամէն
իրիկուն
խաղի
վազած
ըլլալուն
հոն:
Նորակառոյց
պարիսպ
մը
կը
զատէր
անոր
մարմինը
բլուրին
մէջքէն:
Այդ
ճերմակ
գօտ
իին
հետեւող
մը
ինքնաբերաբար
ինքզինքը
կը
գտնէր
«անիծուածներու»,
տարադէպ
մեռնողներու
մասին
մէջ:
Սողոմը
հասաւ
հոն,
չմտնելու
համար
գերեզմանէն
ներս,
ուր
լացողները
կրնային
տեսնել
իր
շուարուն
թափառումը:
Ի՜նչ
հզօր
փափաք
էր
սակայն,
իյնալ
հօրը
հողքին
ու
կանչել
անոր
հոգին
եւ
ուզել
անկէ
իր
ձայնը:
Տիրացո՜ւն:
Անշո՛ւշտ:
Մենք
մեր
կեանքին
երեք
չորրորդը
կը
գործածենք
աւրելու
համար
ինչ
որ
անոր
առաջին
չորրորդը
բիւրեղացուցած
է
մեր
մէջ:
Յետոյ,
իրեն
ըսին
կարծես
յառաջիկայ
գիշերին
մասին:
Գալ
ու
բանալ
սիրտը
իր
հօրը:
Չխորհեցաւ
բնազդական
վախին,
որ
մեռելներու
քաղաքը
կը
խորհրդանշէ,
մա՛նաւանդ
այդ
մատաղ
տարիքներուն
մօտ:
Անիծուածներու
յատկացուած
հողը
կորսնցուցած
էր
գերեզմանատան
իր
նկարագիրը,
նուաճուելով
կարճթուփ
սօսիներէն,
-
աներես
թաւուտներ
ասոնք,
որոնք
կ՚արհամարհեն
կրակը`
ինչպէս
մանգաղը:
Ան
էծ
ք
մը
զարկած
ըլլալու
էր
սա
տունկերը
սակայն,
քանի
որ,
հակառակ
իրենց
արմատներուն
մշտակայ
ջուրին,
անոնք
գամուած
կը
մնային
իրենց
ոտքերուն
վրայ,
գաճաճ
ու
տխեղծ,
առանց
բունի
մը
հասակը
կարենալ
ճարելու
սողոսկուն
իրենց
ոստերուն:
Այդ
կէտէն
վեր
ձորա՛կը,
գայլերու,
բո
րենիներու
ապաստարան,
ինչպէս
նաեւ
ասպատակներուն:
Տեղ-տեղ,
քարկտոցներ:
Ասոնց
տակ
գեղը
կը
կարծէ
թաղած
ըլլալ
մեծագոյն
մեղաւորը,
անզգամ
այն
արարածները,
որոնք
դաւած
են
իրենց
մարմինին,
արհամարհելով
նոյնիսկ
գերագոյն
պատիժը,
գերեզմանէ
զրկուելուն:
Սողոմը
աչքը
կը
պտը
տցնէր
մէկ
կոյտէն
միւսը:
Եղա՞ծ,
ապրա՞ծ
են
օր
մը
այդ
մարդերը:
Այդ
կարգէ
մահերու
ցանցառ
թիւը
պատճառ
է,
որ
շուտով
վերածուին
հեքիաթի,
ժամանակի
մշուշին
մէջ:
Յանկարծ`
Հայրապենց
դուռը
տաշած,
Երկու
աղխերէն
քաշած,
Նազի՛կ,
սիրեմ
ըկուընիդ
Օսկի
գրիչէն
քաշած…
Ուրուացա
ւ
հինաւուրց
երգը
անոր
շուրթներուն,
ա՛ն`
որ
երգուած
էր
հոդ
թաղուած
կնոջ
մը
մօրը
ետեւէն
եւ
որ
գեղին
ամէնէն
աղուոր
հարսը
եղած
էր
ատենին:
Լաւ
չէր
յիշեր
դրուագները,
որոնք
գեղանի
կինը
գրկած
էին
լուս-
գերեզմանէն,
բայց
գեղեցկագոյն
հարսին
պատկերը,
իր
մանուկ
երեւակ
այութեան
վրայ
բանուծ
կը
մնար,
ոսկի
ձեռագործի
մը
նման:
Ու
եղանա՜կը,
զոր
կը
մռլտար,
դպրոցին
մէջ
իսկ,
Հայրապենց
տղոցը
աղուոր
դէմքերը
մօտեցնելով
«օսկի
գրիչէն»
ելած
միւս
դէմքին:
Ու
տակաւին
ուրիշ
անուններ,
որոնք
ժամանակին
հետ
կը
թափին
իրենց
մասնակի
թեփերէն
ու
իբ
ր
մեղքի
խորհրդանիշ,
արիւնէ
եւ
միսէ
դադրելէ
յետոյ,
կ՚անցնին
գեղին
բարբառին,
առածօրէն,
ու
յաճախ`
հեքիաթունակ:
Սողոմը
զօրաւոր
մանրամասնութեանց
մէջ
կը
յիշէր,
օրինաւոր
գերեզմանէն
բռնի
հանուած
ու
հոս
վտարուած
մեռելը
նոր
հարսնուկի
մը:
Պզտիկ
ըլլալուն
հետաքըրքրուեր
էր
միայն
պատանքին
իւղոտ
ու
հողով
աղտոտած
պատկերովը
ու
չէր
հասած
պատճառին:
Մեծերը
կամաց
կը
խօսին
ասանկ
տխուր
բաներու
շուրջը
ու
կը
վռնտեն
փոքրերը,
երբ
ականջ
կախեն
ասոնք
սուսիկ
պատմումին:
Հինգ-տասը
կալի
տարածութեամբ
սա
հողերուն
տակ
որքա՜ն
յուզում,
ողբ
ու
արիւն,
որքա՜ն
տրտմութիւն
ու
արցունք
ու
որքա՜ն
կատաղութիւն
ու
գեղեցկութիւն,
Տէ՜ր
Աստուած,
-
կը
մտածէր
բանդագուշող
Սողոմը
ու
մատովը
կը
ջանար
ճակտին
կեդրոնէն
վանել
Ցաւը,
գլխագիր
ցաւը
մարդոց
որդիներուն
նախագրուած,
զոր
պիտի
աղան`
ինչպէս
կապար
գնդիկներ,
իրենց
նուրբ
ջիղերուն
մազի
պէս
բարակ
ակռաներովը:
Աշխատեցաւ
հասկնալ
հարսնուկին
պատահարը,
բայց
կը
նեղուէր
միտքին
ծանրութենէն,
որ
չէր
յօժարեր
ինքզինքը
ըլլալ
ու
շարժիլ`
ծանօթէն,
մօտէն
անդին:
Տեսաւ,
որ
իր
միտքը
կ՚ախորժէր
յիշողութեանց
սովորական
դարվարէն
ու
տուաւ
ինքզինքը
հո
սանքին:
Այն
ատեն
իրեն
դարձաւ
իր
պզտիկ
գլուխը,
որ
կը
հեկեկար
մեռած
հարսնուկին
ողջմեռել
մամային
հետ,
միս-մինակ
անիծուած
սա
հողերուն
վրայ,
արցունքէն
թրջուած
խունկը
այրելու
անկարող,
ուզելով
օգնութիւնը
Սողոմենց
«անուշձէն»
տղեկին:
Ու
եղաւ
անիկա
այդ
անուշ
ձայնով
տղե՜կը,
որ
վառեց
կրակը,
հո՜ս,
աչքին
տա՜կ,
հիմա
ելած
քարակոյտի
ձեւէն
ու
վերածուած
հողի
կոշկոռուտ
կտորի
մը,
զոր
յստակ
կանանչ
մը
կը
հագուեցնէր:
Թոյլ,
դանդաղ
բան
էր
սա
պահուն
անոր
հոգին,
որմէ
հանուած
ըլլային
կամեցողութեանց,
կիրքերուն
բոլոր
զսպանակները:
Այս
յոգն
ութի՜ւնը,
մահուան
խուլ
ձգողութի՞ւն,
թէ
արդիւնք
իր
ջիղերուն
տարապայման
պրկումին:
Անոր
մէջ
կը
հանգչէր
կրակը
ամենաբուռն
կատաղութեան
մը,
որ
առաւօտէն
ի
վեր
կը
ծեծէր
մարմինը,
հալեցնելով
ամբողջ
կորովը
անոր
մարմինին:
Նստա՞ւ,
թէ
նստեցուցին:
Բա՜նտն
էր,
սիրականը
սպաննող
տղուն
հետ:
Հով
եկաւ,
ուշագրաւ`
անժամանակ
ըլլալուն:
Թուփերուն
ճիւղերը
ինկան
ճիտ
ճիտի:
Ու
անոնց
աստղաձեւ
տերեւներուն
երեսին
դողաց
արեւին
ոսկին
ու
թռաւ,
ոսկեփոշի
անոնց
աղուամազին
վրայ
շափիւղայի
անձրեւ
մը
վառելով:
Ու
խոր,
անդիմադրելի
տրտմութիւն
մը
կը
ծորէր
անոնց
դեղնաւուն
թաւիշէն:
Ինչպէ՞ս
ոսկիի,
դեղնութեան,
թաւիշի
սա
պատկերները
լծորդուեցան
մահուան
շատ
պայծառ,
գրեթէ
առարկայական
այն
միւս
պատկերին,
որուն
մէջ
կը
գոցուին
մեզի
համար
ընդմիշտ
կեանքերը
ուրիշներուն:
Սպանութի՞ւն:
Սպաննուի՞լ:
Գերեզմանին
մեծ
ու
կրածեփ
պարիսպը
անոր
աչքէն
կ՚անջատէր
միւս,
ընդարձակ
տարածութիւնը,
ուր
կը
պառկէին
մարմարէ
ալիքները
անընդմէջ
մեռելներուն:
Թող
ելլային
ոտքի,
կործելով
հողն
ու
քարը
իրենց
վրայէն
ու
չորցած,
որդնակեր
իրենց
սիրտը
բանային,
ըսելու
համար
ինչ
որ
հասկցան
սա
արեւէն
ու
սորվեցան
կ
ուպրէ
մութէն,
որ
կը
պատէ
իրենց
բզկտուած
քուները:
Ու
ինչպէս
ծովափէն
հեռու,
մեզի
կը
տրուի
առնել
ալիքներուն
աղաղակը,
Սողոմենց
տղան
ստիպուած
էր
ականջ
բանալու
մեռելներու
շշունջին:
Ու
այդ
շշունջը
կը
բարձրանար,
հողին
երակներովը
ու
կը
ծծուէր
անոր
մարմինին
բիւրաւոր
դուռներէն:
Քիչ-քիչ
պարուրուելու,
թափանցուելու
այս
զգայութիւնը
կ՚ընէր
անոր
անդամները
ծանր
ու
կոխուած:
Մոռցա՜ծ
էր
բոլորովին
ախոռին
դրուագը,
որուն
հետեւանք
կրնար
ըլլալ
մկաններուն
սա
լքումը:
Կարծես
կապարէ
ջուր
մը
պուտ-պուտ
քալէր
անոր
ոսկորներուն
ուղիներէն,
թեւաւոր,
շամանդաղէ
անձրեւի
մը
պէս:
Ու
աւելի՛ն:
Անոր
արիւնին
բջիջները
աշտանակուած
կը
թուէին
բիւրաւոր
կայծերէ
պճլտուն
ու
կիզանուտ,
ճենճերումի
յայտնի
հեռարձակմամբ
մը:
Պաշարւելու,
գրաւուելու
սա
պայծառ
տեսիլքը
զբաղեցուց
զինքը,
շուար
ընելու
չափ
արդէն
ճիգի
անկարող
անոր
դատողութիւնը:
Ինչո՞ւ
աս
յարձակումը:
Ի՜նչ
կ՚ուզէին
իրմէ:
Բայց
գնչուհին
ու
անոր
արիւնի
ճամբուն,
բանտի
ընկերը
ու
անոր
արիւնոտ
դաշոյնը,
մեռելներ
ու
Նալպանտենց
խշտին
ու
հիւրասենեակը
թաւալգլոր
կը
պտուտքէին
անոր
ճակտին
տակ,
քառասմբակ`
ինչպէս
կ՚ընէր
ինքը
ձիուն
վրայ:
…Երբ
ելաւ
ոտքի,
փախչելու
համար
գերեզմանին
մօտութենէն
ու
մեռելներուն
աղի,
փտուկ
հոտէն`
անիկա
զարմացաւ
իր
զգացումներուն
վրայ:
Կը
նմանէր
մահուան
ընդարձակ
թափօրի
մը:
Բազմամբոխ
ու
երկարուն:
Իր
մէջէն
կը
քալէր
գեղին
ամբողջ
եղերականութի՜ւնը,
դանակին
ու
կրակին
թափած
սո՜ւգը,
ողջերուն
վրայ
սեւ
անձրեւի
պէս
ծաւալելիք:
Ու
անոր
քայլերուն
ետեւէն
կը
քակուէր
շարա՜նը,
եռո՛ւն`
ինչպէս
շարանը
մրջիւններու
կարաւանին
ու
անվերջ:
Ո՞ւր:
Այս
քանիերո՞րդ
անգամն
էր,
որ
կ՚ընէր
ինքնիրեն
դժբախտ
սա
հարցումը:
Զինքը
տարին,
գրեթէ
հրեց
ին
ձորակը:
Իր
զգացումներուն
հպատակող
Սողոմենց
տղան
յոգնակի
կը
խորհէր,
թէ՛
վախցած,
թէ՛
դիմանալու
անկարող:
Գեղին
ամէնէն
քիչ
այցուած
մարզերէն,
բորենիներուն
-
որոնք
գերեզմաններու
մօտիկ
կը
սիրեն
բոյն
դնել
-
ու
ասոնց
որսերը
յափշտակել
սիրող
գայլերուն
մշտագոյ
սարսափովը
ամայի:
Կործանած
բլուրի
մը
խիստ
բարեբեր
հողերուն
վրայ,
անսովոր
բուսականութիւն
մը
-
առաւելապէս
սպառազէն
տեսակէն
-
կ՚ընէր
այդ
մարզը
տեսակ
մը
թաքստոց:
Կրակը
անզօր
էր
զայն
մաքրելու,
քանի
որ
յաջորդ
տարին
թաւուտները
կարծես
խենթեցած,
կ՚աճէին
կրկնաւոր
արագութ
եամբ:
Հողին
հոսուն
նկարագիրը,
գեղի
աղբիւրներուն
ակերը
արգելք
էին
բահին
ու
արօրին,
որոնց
աստիճանական
լեզուն
միայն
կը
յաջողի
սանձահարել
փուշերուն
կանգուննոց
բերանները:
Ու
ձգուած
էր
անիկա
տիրապետութեանը
գայլին
ու
գազանին:
Աշնանասկիզբի
գունաւորում:
Խոնաւ
ու
շա
ղո
տ
մարմանդ
հո՛ն`
ուր
հողի
կտորիկ
մը
ազատ
կը
մնար
բուսականութեան
փաղաղումէն:
Խոտերու
լեզուակներէն
կը
զատուէին
պսակները
օտարոտի
ծաղիկներու,
որոնք
արիւնոտ
կամ
դալուկ
սնգոյրի
մը
մէջ
կը
կենան,
գինով
ու
անհաս:
Հոս-հոն
ժայռեր,
ամբողջ
կամ
փշուր,
բզիկ-բզիկ
իրաններ
ով
կամ
քաղցր
սապատներով,
խատուտիկ
ու
գորգուած
նախշուն
լոռերէ,
որոնց
մութ
թաւիշին
վրայ
կաթերը,
ծիածանի
բոլոր
երանգներուն
կամ
ականակուռ
դաշունիկը
յապաղած,
խաբուած
մողէսի
մը:
Ուր
ջուրեր,
երկայն-երկայն,
որոնք
չկային,
բայց
փուշերուն
ու
սէզերուն
անմատոյց
պաշտպանութեանը
տակէն
կը
ձգէին
իրենց
դաշնաւոր
խարշափը,
լեցնելով
փոսերը,
յորդելով
վեր,
քարերու
կռնակին
վերածուելով
բազմամբոխ
նուագի,
խորունկ,
մութ,
յամառ
ու
նուաճող:
Սողոմին
ականջները
դժուար
կը
հանդուրժէին
այս
ոլորումը,
միշտ
գերեզմանեան
սրսփուքի
մը
տանիլ
մեռելներէն
յաճախուած
գերայոյզ
տղան:
Նոյնքա՛ն
դժնդակ`
մեծ
մացառները,
երբեմն
կալի
մը
մեծութեամբ,
ամբողջովին
փուշ,
որոնց
ժանիքներէն,
անտարբեր,
հանդարտ
ու
գեղեցիկ
կախուած
կը
մնային
եզակի
փունջին
նմանող
կարմիր
հատիկներ,
ողկոյզ-ողկոյզ,
մերկացած
ոստերուն
վրայ
վառելով
կարմիր
երազ
մը,
յաճախանքը
աղջիկներուն:
Ասոնք
այդ
պտուղները
կը
խաշեն,
ստանալու
համար
առաձիգ
խէժ
մը,
ասով
իրենց
ձիւթերը
նրբահիւս
մետաքսէ
կտաւի
նման
բանալու:
Քաղցրացաւ
անիկա
էգ
այդ
տեսիլքէն:
Ու
անոնց
յատակին,
սպառազէն
ցօղուններուն`
բուրդի
ծուէններ,
մետաքս
ու
մաքուր:
Ո՞րն
էր
յիմարը
հովիւներէն,
որ
քշեր
էր
իր
հօտը
այս
խժութիւններուն:
Բոլոր
այս
պատկերները
առաջին
անգամն
էր,
որ
կ՚իյնային
անոր
աչքին:
Ու
իր
տեսածները
կը
շատնային
նաեւ
իր
լսածներուն
հեղումովը:
Վա՞խ,
-
երբե՛ք:
Բայց
չէր
կրնար
կենալ`
հեքիաթներու
մէջ
մարդու
հոտ
առ
ած
գազանի
մը
նման:
Ու
չէր
ալ
գիտեր
ճիշդ
պատճառը
հոս
մխրճուելուն:
Խո՛ր,
միշտ
աւելի
խոր:
Բայց
գրեթէ
անանցելի
ու
անընդմէջ
մարմինը
փուշերուն
զայն
կը
ստիպէր
խոշոր
շրջումներուն:
Հակառակ
իր
զգուշութեան,
անոր
ոտքերը,
ձեռքերը
գիծ-գիծ
խածնուեցան
մորմենիներէն,
բարակ
ու
գետնամած,
դաւաճան`
ինչպէս
խաբող
աղջիկ
մը:
Ինչո՞ւ
կը
նմանցնէր
բարակ
այդ
ճիւղերը
կիներուն:
Այրուցքը,
արիւնին
պաղումը,
հետեւող
նուրբ,
աղի
կսկծանքը
հաճելի
զովացում
էին
անոր
հրդեհուած
ներսին:
Թաւուտէ
թաւուտ,
աղբիւրի
մը
ակէն
դէպի
ուրիշ
մը`
անիկա
յառաջացաւ,
հետզհետէ
աւելի
բազմացած:
Ու
մենանալու
անոր
ծարաւը
կը
տանջէր
զինքը:
Որքա՜ն
մխուած
էր
դէպի
ներսերը:
Եկաւ
կէտ
մը,
երբ
տեղի
զգայութիւնները
աւրուեցան
իր
մէջ:
Թուփերէ,
թաւուտէ,
շաղապատուած
խռիւներէ
դուրս
ոչինչ
կար
նշմարելի:
Ոսկորներ:
Չխորհեցաւ
ինչո՛ւն:
Ժայռերու
աւերակ
մը
ով
գիտէ
ո՛ր
շարժէն
կործանած:
Կիսափուլ
այրեր:
Անհուն
խառնակութիւն
մը
փուշի
ու
քարի:
Խոռոչի
մը
մէջ,
ուր
գայլի
մը
մարմինէն
տեսակ
մը
թեթեւ
ողորկում
պիտի
հաստատէր
անիկա
եթէ
ճանչնար,
տեսած
ըլլար
գազանը,
անիկա
դրաւ
ինքզինքը:
Աւելի
ճիշդը`
դրին:
Լսեց
անիկա
կճրտումը
թեւերուն`
որոշակի
դուրս
իրմէն,
որոնք
զինքը
մղեցին
հոն:
Չոր
խռիւները,
խոտի
ցօղուններ,
կրնային
այդ
ձայնին
պատրանքը
տալ,
երբ
կոտրեցան
իր
բեռէն:
Ատկէ
չսոսկաց
անիկա:
Բայց
ահա
աւելի՛ն:
Անիկա
կարծեց
լսել
նաեւ
ուրիշ
ձայն
մը,
նման,
նստելու,
քովիկը:
Արձագա՞նգ:
-
Կը
ճանչնար
բաւական
այդ
տղու
խեղկատակութիւնը,
շփոթելու
համար
զայն,
խոնաւ
յատակին
վրայ
ինքզինքը
դնող,
ուրի՛շ
մարմինէ
մը
քակուածին:
Վա՞խ:
Անոր
ուղեղը
կ՚եռար,
իրական
խժլտուկի
մը
մէջ:
Հակառակ
նստելուն,
կռնակին
դէմ
կակուղ
հող
զգալուն,
չփարատեցաւ
իրմէն
յոգնութեան
հզօր
ճնշումը:
Աչքերուն
առջեւէն
քանի
մը
սեւ
դերձաններ
դողացին
ու
թռան:
Ճանճե՞ր,
ճճիի
մարմնիկնե՞ր:
Ուրկէ՞
կը
բուսնէին:
Մէկը
կար
իր
մօտը:
Այնքան
յստակ
էր
այդ
ներկայութիւնը,
որ
կը
վախնար
գլուխը
ծռելու
դէպի
ուղղութիւնը
ձեւին:
Յանկարծ
պատկերի,
փռուող
կտաւի,
կամ
աւելի
ճիշդ`
երազի
մէջ
պատահածի
նման
հինուող
տեսիլքի
բարակ
ծփա՜նք
մը,
նայուածքին
պարունակէն,
գոյներու
փողփողումէն
մը
վէտվէտ,
որ
ուրուացաւ,
ջանաց
վերածուիլ
կտաւի,
բայց
ցրուեցաւ:
Ի՞նչ
էր,
որ
աւրեց
այս
պատկերադրումը:
Նոյն
ատեն
երբ
աչքերը
կ՚անցնէին
այս
հակասական
զգայութեանց
սկուտեղներէն`
անիկա
գիտէր,
որ
կը
թօթուէին
իր
ոսկորները
ու
գանկին
ետեւէն,
քիչ
մը
վարօք,
անողորմ
ձեռք
մը
կը
կացինէր
անոր
ուղեղը,
այնքա՛ն
ուժգին,
որ
հարուածին
զարկը
կ՚երկննար,
կ՚արձագանգէր
ուղեղին
բունը,
մինչեւ
մէջքին
կեդրոնը:
Խենթութի՞ւն:
Ասա՞նկ
կը
սկսէր,
կը
մտածէր
իր
ջիղերէն
խորապէս
խոշտանգուած
տղան
ու
կը
ջանար
հաւաքւիլ
ոստայնին
վրայ,
որ
անոր
աչքին
դաշտը
կը
պարուրէր:
Ձայնը
կրկնուեցաւ:
Ու
տեսիլքը,
լիճի
ափին
չորնալու
դրուած
կտաւի
պէս
փոթ-փոթ,
կը
հպատակէր
անոր
զարկին:
Ինչպէ՞ս
եղաւ,
որ
աչքի
ու
ականջի
իրարու
աննմանակ
այս
զոյգ
զգայութիւնները
միացան
ու
փոխուեցան
գրեթէ
մարդկեղէն
պատկերի:
Կը
ճանչնար
բանտին
ընկե՜րը:
Իր
տարիքէն:
Պարզ,
թուրք
չսուելու
չափ
բարի:
Որ
իր
սիրած
աղջկան
համար
խենթենալէ
առաջ
մորթած
էր
անոր
մայրը,
յետոյ`
աղջիկը,
յետոյ`
պալատը
ու
պառկած`
անզգայ,
յիմար`
աւագ
դուռին:
Անիկա
չէր
գիտեր,
թէ
տեսիլքը
դիտած
պահուն
աչքերը
բա՞ց
էին,
թէ
գոց:
Բայց
գիտէր,
որ
քունին
ու
երազին
մէջտեղուածքը
կը
թափառէր
անոր
միտքը
:
Արթնցա՞ւ:
Քուն
եղա՞ծ
էր
երբեք:
Պիտի
չկրնար
ճշդել:
Դէմը,
երեք
քայլ
վար,
կեցեր
էր
գ
ազանը,
շան
հասակով,
վաւերական
գայլ
մը,
որ,
աչքերուն
բացուելէն
վախցած`
նետուեցաւ
ընդոստ
դէպի
ետ:
Ինչո՞ւ
կը
փախչէր
ատ
շունը,
մտածեց
անիկա
ու
կանչեց:
Կենդանին
մռայլ,
պաղ,
քստմնաւոր`
սուզուեցաւ
շատ
խիտ
մացառուտի
մը
ծոցը:
Մութ`
որ
կը
հալեցնէր
խռիւները:
Բայց
անոր
սիրտէն
երկու
աչքերը,
դեղնած
կրակի
կտորներու
նման`
կը
յամառէին
յառիլ
իր
վրայ:
Ո՞վ
փսփսաց
անոր
վտանգը:
Նետուեցաւ
ոտքի
ու
դանակը
մերկ`
խոյացաւ
մացառուտէն
ներս:
Գտածը
անթափանցելի,
փուշ
պարիսպ
մըն
էր
միայն,
որուն
հետ
իր
շփումը
քրիկ-քրիկ
ըրաւ
իր
մարմինին
մեր
կ
մասերը:
Դարձաւ
ետ:
Առատ
արիւն
կը
հոսէր
վէրքերէն:
Զուարթ
էր
անիկա,
հաճոյք
առնելով
կարմիր
հեղուկին
տեսքէն,
նոյն
ատեն
սրտոտ
եւ
ուժով
բան
մը
եկաւ
յոգնաթափ
անոր
ջիղերուն:
Ո՜ր
ծակն
էր
մտեր
անօրէն
կենդանին:
Արնահեղձ
իր
ձեռքերը
խոնաւցուցին
դանակին
բերանը:
Զգուշութեամբ
սահեցուց
պողպատը
վէրքերուն
վրայէն
ու
շլացիկ
երիզ
մը
երկարեցաւ
անոր
սայրէն:
Կրունկին
վրայ
դարձ
մը
իր
աչքը
բերաւ
անմատոյց
ապառաժի
մը
կատարին,
հարիւր
քայլ
վերօք:
Հոն,
արձանէ
մը
փրցուած
ըսես,
կը
կենար,
կոկոզի
դիրքով,
նման
կենդանիի
մը,
ձեւ
ու
մեծութեամբ,
կրկնելով
փախչողը:
Նո՞յնը,
թէ
ընկերը:
Անոր
մտքին
րոպէաբար
թանձրացան
պատմութիւններ,
գայլերէ՛,
որոնք
ամէն
ձմեռ
կը
նորոգէին,
մօտիկ
գեղի
մը,
տեղի
փոքր
ջնարակովը
փոխուած,
սկզբնական
յեղումէն:
Ու
այդ
զառիթափէն
անիկա
տարուեցաւ
տեսնելու
ձիւնամրրիկին
մէջ
ոհմակները,
տասը-քսան,
որոնք
ճամբաները
կը
կապեն
յուղկահարէ
մը
աւելի
ճարտար
ու
թռչուն
իսկ
չեն
փախցներ,
ինչպէս
կը
սիրէ
չափազանց
գիւղական
պատմումը,
ու
կ՚առաջանան
մինչեւ
դաշտային
ագարակները,
մինչեւ
գեղերու
մենաւոր
ու
հեռանկեալ
բնակարանները:
Որսորդի,
հովիւի,
առանձին
մնացա
ծ
ճամբորդի
հեքիաթներ,
կարծես
ձիւնին
բիւրեղները
ու
գայլերուն
լորձունքը
վրանին:
Հիմա՞:
-
Սողոմենց
տղան,
բանակ
մը
գայլ
ունենար
իր
դէմ,
աչքը
չթարթած
կը
նետուէր
առաջ,
այնքան
արիւնին,
կռիւին,
սպաննելու
շոգը
կ՚ոլորէր
ուժգին
անիւը
անոր
կատաղութեան
ու
վրէժին:
Գտաւ
նոյն
ատեն,
որ
խոռոչին
չորս
ուղղութեամբ
գանկեր
ու
զանազան
կենդանիներու
կողավանդակներ
պառկած
էին:
Գայլերու
բո՞յնը:
Յիմա՞ր
էին
սա
կենդանիները
գեղին
այսքան
մօտիկ
փորելու
չափ
իրենց
որջը:
Ու
չէր
խորհեր,
թէ
ինքն
էր
յիմարը,
որ
մտած
էր
փուշերու
սա
կայսրութեան
մէջ,
ուր
դեռ
մարդու
ոտք
չէր
թափառած:
Հանդարտ,
շեղեց
աչքերը
ճերմակ
ոսկորներէն:
Հաւեղէնին
շատութիւնը
կը
խօսէր
նաեւ
ի
նպաստ
շնագայլերու
որջի
մը:
Անիկա
լեռներու
տղայ
չէր
եղած,
այս
զանազանութիւնները
գաղափարի
մը
կապելու
համար:
Ապառաժին
կատարը`
պարապ:
Փախո՞ւստ:
Գայլի
հուժկու
վայրագութիւն
մը
ամրապնդեց
անոր
թուլցած,
գրեթէ
լուծուած
հոգենիւթը:
Աջ
բազուկին
դաշոյնը
կը
խոշորնար,
կ՚առուգնար,
կը
սպառնար
ու
կ՚աւելնար
անոր
զայրոյթին
վրայ
իբր
փայլուն,
աննահանջ
զօրավիգ
մը:
Փրփուր,
ատելութեան
հեւքը,
վրէժին
կրակը
երեքը
մէկ
թռան
դուրս
իր
բերանէն:
-Պորտէն
կռնակը…
ու
ելածը
բառ
էր,
թուք
էր,
ո՛րը
որ
կ՚ուզէք:
Մխած
էր
անիկա
դաշոյնը
մտքին
առջեւ
ամուր
բռնուած
պատկերին:
Նալպանտենց
հարսինն
էր
պո՛րտը:
Ճերմակ,
չբացւած
կոկո՜ն,
ձիւնի
մը
վահանէն,
այդ
պորտը,
ինչպէս
կ՚ըսէր
մտովի,
ամէն
անգամ
անոր
պատկ
եր
ը
բռնած
ատեն
ուղեղին:
Մտապատկերին
վրայ
այսքան
ուժգնութեամբ
գործադրուած
այդ
յարձակումին
շարժումը,
հետեւող
արիւնին
առուն,
որ
պիտի
հոսէր
այդ
ձիւնէ
կորութիւններէն
դէպի
մութ
ճահիճը
մազերուն,
ու
կը
հոսէր
ալ
սա
րոպէին,
զովացուց
զայն
հեշտութենէ:
Այդ
պաղշտկելու
քաղցրո
ւթիւնը
պարուրեց
անոր
տոչորուն
մարմինը:
Տակաւին
չէր
հարցուցած,
թէ
ինչու՞
կը
սպաննէր:
Թէ
ունէ՞ր
իրաւունք:
Մինչեւ
իսկ
կզակներուն
ծխնիներէն,
տաժանագին
ասղնտուքէ
մը
վերջ,
կաթկթեց
դաշն
ու
զով
մեղմութիւն
մը:
Այսքան
հա՞մ`
թափուած
արիւնէն…:
Պարապ
տեղը
չէ,
որ
ջարդ
արար
ցեղեր
կան:
-Երեքը
մէկ…
բնական
շարունակութիւնը,
ըսես,
հոգեկան
այս
պարպումին,
անդորրումին:
Ու
կը
սպաննէր
անիկա
մայրն
ու
տղան,
փայլակաձեւ,
տեղին
ու
պահին
ճշգրիտ
քարտէսովը,
ինչպէս
փռուած
էր
տունը
անոր
ուղեղին
խորը:
Ու
չէր
մտածէր
սենեակներուն
կղպանքին,
ի
րա
րմէ
հեռաւորութեան,
հաւանական
ընդդիմութեան,
հաւարին:
-Կրա՛կ:
Նայեցաւ
չորս
դին:
Իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
շատ
մօտիկէն
ուրիշ
բերան
մը
կը
թելադրէր
այս
վերջաբանը:
Բանտի
տղա՜ն:
Անիկա
գրեթէ
կը
զգար
անոր
շունչը,
աչքին
սլաքը,
կամքին
կտաւը`
բոլորը
բռնուած
անծանօթ
ձեռքէ
մը,
դէմը
իր
աչքերուն:
Ոճիրէն
վերջը
կրա՜կ:
Կը
մաքրէ՜ր:
Ու
Նալպանտենց
ծառան
կը
կրակէր
տունը
հաճի
Աննային
ու
կ՚եփէր
դիակները
անոր
բոցին
մէջ:
Ոճիրը,
այսպէս
համառօտուած,
«ողջունձեւուած»`
ինչպէս
տարազեց
անիկա
այդ
րոպէին
իր
մտքին
վիճակը,
կը
դառնար
տարօրէն
պարզ,
բն
ական
ու
թեթեւ:
Այսպէ՞ս:
Ի
հարկէ՛:
Այլապէս
կարելի՞
էր
լեցնել
բանտերը:
Ու
բանտ
կար
ամէն
քաղաքի
մէջ:
Ու
ամէն
բանտի
մէջ
տասնով,
քսանով,
հարիւրով
իրեն
նման
տղա՜ք,
որոնք
անցեր
էին
իր
ճամբայէն:
Ի՜նչ
դիւրութեամբ
անոր
միտքը
կը
սահէր
սա
վտանգաւոր
զառիթափերէն,
ամրաքայլ
ու
անյողդողդ,
ա՜ն`
որ
երկու,
գուցէ
մէկ
տարի
առաջ
հաւ
մը
մորթելու
ատեն
անձուկ
ու
դալուկ
կ՚ունենար
ու
գլուխ
մը
սաղմոս
կարդալու
հարկին
տակն
էր,
ակամայ
մեղքին
քաւութեան
հետ,
թուլցած
ջիղերուն
հանգիստը
փնտռելով:
Անիկա
չմտածեց
նոյնիսկ
իր
մէջ
ալ
անդարձ
ջնջուած
պատանիին,
երբ
ոճիրին
այս
տեսարանումը
գտաւ
այսքան
հաճելի
ու
բնական,
կարծես
հեռուներէն
պատրաստուած
ու
յատկապէս
իրեն
ղրկուած
տօնական
չուխա
մը
ըլլար
մեղքը:
(Մեր
խածան,
գիշախանձ
բնազդները,
որոնց
մագիլները
կիներու
արգանդին
մէջ
կը
ստանան
գուցէ
իրենց
վերջնական
կնիքն
ու
սլաքը,
կը
մնան
մեր
մէջ
կծկուած,
երբ
կուշտ
է
մեր
գազանը,
բայց
կը
տիրապետեն,
երբ
պատահարները
խոչընդոտ
նետեն
մեր
կիրքերու
հեղեղին:
Ցանկութիւն
մը,
այդ
րոպէներուն,
կը
վերածուի
հզօր
բռնութեան:
Խելքը,
ազգերուն
մէջ
հռչակի
հասած
տրամաբանութիւնը,
գիրքերու
վրա
յ
ճիշդ,
ծիծաղելի
հեքիաթներու
կը
փոխուին,
երբ
գազանը
մռնչէ
մեր
ներսը:
Ու
դիտեցէք
գազանին
այդ
բարբառը,
այդ
իսկ
առիթով,
ինքզինքը
կը
պարուրէ,
կը
ներկէ
միւսին,
իմաստութիւն
ըսուածին
բոլոր
օծութեամբը,
շուրջառովը:
Ոճիրը
կը
դադրի
զարտուղութիւն
ըլլալէ
եւ
կ՚արժեւորուի
իբր
անդորրի,
ներքին
հաւասարակշռութեան
երջանիկ
հանդէս
մը:
Խոշոր
չափու
վրայ
-
տարածեցէք
մորթելու
արարողութիւնը
ընդարձակ
դարաստաններու,
քաղաքներու,
երկիրներու
վրայ
-,
անիկա
գերագոյն
հարկինքն
է,
որմէ
միայն
կը
կշտանայ
մեր
ներսի
գազանը:
Ազգերու
կեանքին
մէջ
այդ
խրախճանութիւնները
կը
հագնին
օրինական
պարեգօտը,
-
պատերազմ:
Ջարդարար
ազգերուն
մէջ
այդ
պահանջը,
հոգեկան
թարմացումի,
վերանորոգումի,
իր
պապերուն
մերձեցումի
գերազանց
առիթ
մըն
է
ու
ատով
իսկ
բաւ`
անհուն
կորուստներ
հակակշռելու:
Թուրքերը
հոգեպէս
նորոգուած
դուրս
եկած
են
ամէն
պարտութենէ,
ուր
պատեհութիւն
են
գտած
զանգուածովի
փողոտելու
ու
մարսած
ահագին
կորուստներ:
Գայլը
կ՚ապրի
օրով):
Սողոմենց
Սողոմը
գտաւ
իր
բազուկը
զինուած,
անվերադա՛րձ
յառաջիկայ
գիշերուան
համար:
Տեւողութեան
մուտքը
իր
մտածումներու
կորագիծին`
զինքը
դարձուց
արեւին:
Օրը
կէս
էր
գրեթէ:
Մինչե՜ւ
գիշեր:
Ու
անոր
մտքի
կալին
ժամանակը,
հսկայ
դէզի
մը
պէս
կը
բարդուէր
ու
ջղային
անձուկ
կը
բանար
իրմէն
ներս:
Ի՞նչ
ընելու
էր
այդքան
ատեն:
Փարատող
գազաններու
մօտութիւնը
բաժին
ունէ՞ր
անհանգիստ
այս
վիճակին
մէջ:
Չէր
վախնար.
ամառ
ու
աշուն
լսուած
չէր,
որ
գազանները
յարձակում
փորձէին:
Բայց
կը
նեղուէր
անիկա
անհանգիստ,
վատ
այն
գոլով,
որով
կը
պարուրուին
բոլոր
դաւադրական
ձեռնարկները:
Շփեց
աչքերը,
անկէ
վանելու
համար
կսկիծը
աղին,
որ
յոգնութիւնը
կը
բիւրեղացնէր
կոպերու
անկիւններուն:
Անոր
կը
ներկայանար
պէտքը
ձգելու
այդ
վատահամբաւ
ձորակը,
ու
ասիկա`
քունի
անգիտակից
պահանջէն,
որ
արդիւնք
էր
անոր
արտասովոր
սպառումին:
Բայց
ո՞ւր:
Դուրս,
ետ
երթալու
ճամբան,
գերեզման
հակող
ու
մարդու
հանդիպման
հեռանկարով
զայրոյթ
կը
ստեղծէր:
Ձորէն
դէպի
վեր,
լերան
առաջին
փէշերը
բլուրը
հիւսուած
փուշերու
գրեթէ
միապաղաղ
կռնակ
մըն
էր:
Խենթութիւն
էր
զայն
ճեղքելով
վեր
հասնելու
ձեռնարկ
մը:
Ըրաւ
սակայն,
վճռականութեամբը
խենթին,
որ
իր
մէջ
կը
սկսէր
առաւօտէն,
ու
պիտի
լրումին
երթար
կէս
գիշերին:
Զարհուրագին
բան
մը
եղաւ
ատիկա:
Կացին
չճանչցող,
բորենիներէ,
գայլերէ,
երբեմն
արջերէ
այցելուած
այդ
խռուստանէն
ելք
մը
ճարե՜լը:
Ջո՛ւր:
Քրտինք
չէր
կարելի
անուանել
այն
լոյծ
բանը,
որուն
մէջ
կը
լողար:
Ելան
իր
մէջ
կոտտալու
հետքերը
ծեծին:
Նոյն
ատեն
գտան,
որ
առտուընէ
ի
վեր
բան
չէր
դրած
բերանը:
Գոց
սուտակի
պէս
կիսամշուշ
հոյներ,
արջերու
նախասիրութիւնը
փաստող
այդ
մարզին
վրայ,
վայրի
գղեարներ
իրենց
արքենի,
թագապսակ
գլուխներով,
մատի
պէս
հաստ
տերեւներով
թթրկիչ
,
փաստ`
ընտանի
անասուններու
պակասին,
ու
խելքէ
դուրս
առատութեամբ
Նասրէտտինի
թուզեր,
կաքաւի
հաւկիթի
մեծութեամբ,
արիւնէն
աւելի
հոծ
կարմիրով:
Ու
թռչուններ,
տեսակէն
շատ:
Կ՚ուտէր
պտուղները
ու
կ՚ելլէր
վեր:
Բայց
մազերը
կը
ցցուէին
շատ
սուր
զգայութենէ
մը:
Պտուղները
արիւնի
շեշտ
համ
մը
կը
քսէին
ակռաներուն
տակովը:
Այս
զգայութիւնը
ան
ունեցեր
էր
նաեւ
առտուն:
Ուստիանին
այգին,
եր
բ
թուզ
մը
ծամելու
ատենը
առարկային
խորհուրդէն
անցեր
էր
Նալպանտենց
հարսին
:
Որքան
ատենէն
առած
էր
ահաւոր
այդ
դավերը:
Նստաւ:
Նեղ
չէր
շունչը,
բայց
աչքերը
կ՚այրէին
քրտինքէն,
որ
մազերուն
արմատներէն
մզմզող
թելերով
կը
հոսէր
վար:
Լերան
առաջին
տափերը,
որոնք
ջուրերով
ք
այ
քայուող
հողի
հսկայ
ու
հին
հոսումներ
կը
պատմեն:
Այդ
հարթութեանց
վրայ,
տարօրէն
յուռթի
արտեր,
որոնց
կարմրուկ
մարմինէն
քաղուած
ցօղունները
իբր
ստեւ
կը
սեւնային
ու
կը
դեղնէին:
Աշունը
շուտ
կ՚ազդէ
լեռնահովիտներուն:
Չէր
կարելի
չմտնել:
Հողը,
միշտ
կարմիր,
տաքուկ
խո
նաւութեամբ
կակուղցած,
կարծես
հրաւէր
մըն
էր
անոր
մարմինին,
սրտագին
ու
մարդկեղէն:
Փուրասներ
իրենց
բողկուկները
փռած
եւ
իրենց
ակօսներուն
մէջ
չար
ի
չար
վառած
քողին
կայլակները,
որոնք
կը
դիմանան
օրն
ամբողջ:
Անոր
այցելեց,
արագ
ուրուացմամբ,
պատանութեան
վերջին
տարին,
երբ
աղցանէ
մը
դարձին,
թաղեցի
աղջկան
մը
դաստակը
բռնեց`
խոտը
փրցնելու
պատրուակով,
նման
փուրասի
մը
ցողունին
վրայ
ու,
կրակ
բռնածի
պէս,
ձգեց
մէկէն:
Նոյն
տարին
հարս
ելլելիք
ու
մեղրի
պէս
սիրտ
առնող
աղջիկը
նայեր
էր
իրեն,
ժպտեր
ու
խառնուեր
խումբին,
առանց
բառի:
Յետ
ոյ`
հօրը
մահը:
Յետոյ`
աղջկան
հարսնիքը:
Յետոյ`
չորնալը
առաջին
ծիլին:
Մեր
յիշատակները
մեզմէ
անգութ
են
երբեմն:
Ցաւ
ինկաւ
սրտին:
Ու
մարդու
հոտ
առնող
հեքիաթի
դեւերուն
նման
մխրճուեցաւ
լեռնակողի
թաւուտները:
Գեղի
բոլոր
տղաքը
հողին
ծփանքէն
ու
մացառներուն
գիծէն
դիւրաւ
կը
գտնեն
ճամբան
ու
ատոր
պակասը
չի
մտահոգեր
զիրենք:
Հետզհետէ
զգալի
կ՚ըլլային
բարձրութեան
ազդեցութիւնը,
հողին
քիչնալը,
ժայռերուն
աճումը:
Բոյսերը`
աւելի
խեղճ
ու
նիհար:
Բացութիւններ`
մանր
հիւսուած
կանանչ
սփռոցով:
Փոխարէն
անջատ
ծառեր`
գացած
ուշագրաւ
լիութեան
:
Ամայութիւն:
Չփախաւ
ճամբէն,
որ
կը
շտկէր
ինքզինքը
ու
կը
շուլլուէր
դէպի
հաստամեստը,
կամաց-կամաց
իր
գմբէթը
ձեւաւորող:
Քմայոտ
ու
տարօրէն
գրաւիչ
են
մեզի
համար
առաջին
անգամ
մեր
աչքին
ինկած
զարտուղի
ճամբաները:
Քանի՛
կ՚ելլէր,
շրջապատը,
համապատկերը
կը
մեծնային,
կը
մենանային,
ազատուելով
գեղաշուրջի
կարկինումէն,
հինցածութենէն:
Այդ
կէտէ
դիտուած:
Գայլերու
ձորը
խեղճուկ
ձագար
մըն
էր,
որ
կը
մաշէր
արագ-արագ,
մութ
կանանչի
կարկտա՛ն
մը`
իջնող,
խոնարհող
մեծ
լեռնակողին:
Դէմէն,
լիճը,
տարօրէն
մօտիկցած,
ինքզինքը
ամբողջացուցած,
հեռո
ւ
վանելով
եղերական
գմբէթները
բլուրներուն
ու
գտնելով
հեռանկարի
հիմնական
իր
հէնքը,
-
կիսալուսին,
ոսկեմոյն
հողերու
խաղաղ
երկնքի
մը
մէջ,
զոր
կ՚աստղազարդէին,
հատ-հատ
նետուած
ու
հեռաւորութեան
նպաստովը
անհամեմատ
փոքրացած
ծառեր,
հիմա
կէ՛տ,
պարոյկ,
գիծ,
սեւ
ու
դող
դո՛ջ:
Ո՛չ
իր
գեղը,
ոչ
ալ
հաստ
ու
անհամաչափ
մթութիւններ,
որոնք
լիճին
հիւսիսը,
զառիթափէն,
կը
պղտորեն
պատկերին
խայտանկար
սնդուսը:
Անտա՛ռ,
լեռնոտնի,
շատոնց
արգիլուած
կացինին,
բացառաբար
դարաւոր
բնակիչներով:
-
Կաղնիներ,
դիզուած
միջոցն
ի
վեր,
գեղեցիկ
ու
հպարտ,
ա՛յնքան`
որ
մարդ
նախանձը
կ՚ունենայ
անոնց
անսասան
կացքին
ու
կը
տխրի
իր
խեղճութեան
հակադիր
պատկերէն:
Նո՞ր,
այս
ամէնը:
Հազիւ
կը
յիշէր,
հեղ
մը,
պտըտած
ըլլալ
սա
մարզերուն,
դպրոցական,
տօնի
օր
մը,
սունկի
պատճառով:
Քաղցր,
հաճելի,
առանձնութեան
հետ,
թեթեւնալու
միւս
զգ
այութիւնը:
Քանի՛
կ՚ելլէր,
կարծես
կը
հանգչէր
գլխուն
պտոյտը:
Փոքր
բաներու
այս
հոսումը,
թափուիլը,
վռնտուիլը
դէպի
լեռին
ցածերը,
կ՚անդրադառնային
անոր
ալ
մէջ:
Ու
անիկա
կը
բացուէր
ինքը
իրմէն,
այսինքն`
իր
մանր
հոգեյատակէն
ու
հոն
լարուած
դանակի,
խարոյկի
կարճ
հանդէսէն:
Յետոյ,
համով,
ա՛լ
հիմա
բոլորովին
անծանօթ
ճամբան,
ջուրերով,
մորիի
դեռ
պտղաւոր,
բայց
կուրացած
թաւուտներով,
մա՛նաւանդ`
նորութեան
իր
հրապոյրովը:
Թեթեւացում,
այո՛:
Բայց
ո՞ւր:
Յանկարծ
նկատեց,
որ
ամայութիւնը
կը
նպաստէր
վիճակին
ու
այդ
կազմով
կը
բանար
միւս
երեսը
անոր
տագնապին:
Ու
անկէ
անկախաբար
անոր
մտքին
ներկայացաւ
ժամանակին
հաշիւը:
Հոգի
տալու
ատեն
մարդոց
ուղեղը
պղտոր
կը
բանի,
ինչպէս
տեսած
ենք
այնքան
յաճախ:
Հոգի
առնելու
ատե՞ն:
Սողոմենց
տղան
խաղաղ
էր
բոլորովին,
երբ
ներսէն
նայուածքով
մը,
տեւողութեան
այդ
չուանը
չափեց,
ու
չափեց`
մէկ
կտո՜ր:
Գումարը
կը
յանգէր
կէս
գիշերին,
զանգուա՛ծ,
անձեւ,
որուն
կեդրոնին,
իբր
օձերու
կապ
մը
հանգոյցը
կը
կազմէր
ոճիրին
պսակը,
արդար
ու
գեղեցիկ`
ինչպէս
սովոր
ենք
չափել
մեր
անարդարութիւնները:
…Անոր
մատները
չափեցին
արեւը:
Շուքը
կործած
էր
դէպի
ետինք:
Ու
լոյսը,
յստակ
ու
զով,
առանց
փոշիի
մը
մոխիրին,
կարծես
ձիւնոտ
ջուրով
մը
նոր
սրբուած,
կտաւ
էր
անմարդկեղէն,
անձեռագործ,
զոր
փռեր
էր
երկինքը
լերան
երեսին:
Ամէն
օր
արեւին
մէջ
եփող
մը
դժուար
կը
տեսնէ
սա
երանգները:
Բայց
մեր
կեանքին
մէջ
օրեր
կան,
ուր
հսկայ
եղելութեանց
մուտքին
մենք
կը
տեսնենք
ինչ
որ
ա՛լ
չունինք
տեսնելիք:
Ոչ
ոք
մեզի
կը
թելադրէ
այդ
ուշաբերումը:
Բայց
կ՚ընենք
մեզմէ
անկախ:
Լերան
երեսին
դիզուած
սա
կարկառներուն
ու
փոսերուն
վրայ,
ծառէ,
կանանչէ,
լռութենէ
շինուած
սա
գողտր
խաղաղութեան
պատկերը
ինչու՞
«մահու
չափ»
տխուր
կը
զարնէր
անոր
երեսին:
Ինչո՞ւ
չէր
մեղմանար
ոճիրին
սուլիչը
անոր
ականջներուն,
միօրինակ
բզզիւն,
զոր
արտաքին
աշխարհի
հզօրագոյն
ընդմիջումներն
իսկ
հազիւ
կը
բզկտէին
քիչ
ատենի
համար:
Անիկա
կ՚ուտէր
իր
տրտմութիւնը
ու
կը
քալէր:
Ճամբու
ոլորք
մը,
առանց
պատրաստութեան,
որուն
վառարանը
կը
կազմէր
դարատափի
մը
քիթը:
Նոյն
ատեն
շառաչը
առատ
ջուրի
մը:
Ջուր-ելա՞ծը
:
Որուն
մասին
լսած,
բայց
չէր
տեսած:
Մօտեցաւ:
Ձեռակերտ,
ժայռի
մը
պորտէն
կը
հոսէր
մէջքի
հաստութեամբ,
համբաւով
ջուրը,
վարերը
շարքով
ջրաղացները
դարձնել
վազելով:
Ծռեցաւ
ու
ափով
նետեց
բերանին:
Մատներուն
միսը
անզգա՛յ:
Բայց
ատամները
մզմզացին
հեղուկին
պաղութենէն:
Աղուահամ:
Լեռնային
ջուրերը
կ՚ունենան
երբեմն
մասնակի
սա
երանգները:
Ու
հո՛վ,
որ
հոսանքին
հետ
կը
շփոթուի,
երբ
քիչ
է:
Բայց
որ
շարժումի
հանեց
ընդարձակ
բան
մը
գլխուն
վերեւէն:
Չէ՞ր
տեսած,
փառաւոր,
առնուազն
հազարամեայ
սօսին:
Անոր
աչքին
տակ
կը
բարձրանար,
միջոցը
պատռտելով
հսկայ
ծառը:
Ու
անոր
տերեւները,
բիւրաւոր
կանանչ
աստղերու
խամբուլներ
կը
հանգուցէին,
ճերմակ-ճերմակ
դէպի
երկինք
սողոսկող
ոստերուն,
մարմինի
գոյնով
ու
շա
՜տ
:
Սօսին,
ջուրը,
լերան
դիրքը
յանկարծակի
լուսաւորեցին
անոր
միտքը:
Ո՞վ
չի
ճանչնար
Սամունին
սօսին,
դեռ
հինգ
տարեկանէն,
առանց
տեսնելու
պէտքի
մը:
Ա՛ն`
որ
տղայ
եղած
է,
ձիւնոտ
գիշերներուն,
հեքիաթներու
շարքին
մտիկ
է
ըրած
նաեւ
պատմութիւնը
Սամիկ
Սամունին,
որ
ատ
փոթորիկին
ու
ատ
գայլերուն,
կը
հսկէ
սօսիին
փորին
մէջ,
ու
կ՚աղօթէ
գեղին
բարիքին:
Ու
ո՞վ
չի
գիտեր,
միշտ
առանց
տեսած
ըլլալու,
մեծակառոյց
սօսին,
որուն
շուքին
տակ
պառկած
է
քնանալու
Սուրբ
Ըռըստակէս
հայրապետը,
Լուսաւորիչին
մեծաշէն
որդին,
Նիկիա
երթալու,
թէ
անկէ
մեկնել
ու
ատեն:
Լիճը
ժողովրդական
յօրինումներուն
մէջ
առած
է
հայրապետին
անունը:
Ու
թէեւ
ծառը
չ՚իյնար
պատմական
քաղաքին
ճամբուն,
բայց
աւանդութիւնը
չ՚ախորժիր
աշխարհագրութենէն
եւ
զայն
կ՚արհամարհէ:
Շրջանի
բոլոր
գեղերն
ալ
մէյ-մէկ
ջուր,
քար,
ծառ,
օրան
նուիրած
են
հայազն
եպիսկոպոսին:
Մեր
ժամուն
մէջ
կը
պահուէր
քարը,
որ
բարձ
էր
ծառայած
հայրապետական
քունին:
Անցեալին
այս
փառքովը
չքաւոր`
ծառը
ունէր
հիմա
նոյնքան
նշանաւոր,
շահեկան
ուրիշ
հիւր
մը,
կ՚ապրէր
հսկայ,
խանութէ
մը
աւելի
մեծ
խոռոչով
բունին
մէջը,
մարգարէ
ու
ճգնաւոր
հաւասարապէս:
Հրաշագոյն,
գաղտնիքներու
գտիչ,
Նարեկին
ու
Վեցհազարեակին
իմաստութեանց
հաղորդ,
նոյն
ատեն
պարթեւ
ու
տեսանող:
Անունն
էր
Սամիկենց
Շմաւոն,
որ
կրծուելով
ու
կոկուելով
եղեր
էր
Սամիկ
Սամուն,
երբեմն
մինակ
Սամուն:
Սողոմենց
տղան
զայն
չէր
տեսած:
Բայց
կը
ճանչնար
աւելի
լա
ւ,
քան
գիրքերու
բոլոր
հայրապետները
ու
սրբազան
պատմութեան
նահապետները:
Նոյն
ատեն
կը
հաւատար
հեքիաթին,
որ
անոր
հասակը
կը
խառնէր
արջերու
եւ
գայլերու
խռովայոյզ
գուպարին,
ձիւնին
ու
փոթորիկի
համատրոփ
մտրակումին:
Անիկա
մտադրեց
շեղիլ,
տրոփուն
իր
սիրտէն
նախազգալով
խոր
ու
տխուր
բաներ:
Ի՛նչ
գործ
ունէր
սատանայէն
տիկ
իր
հոգին
Աստուծոյ
աջ
ձեռքը
իր
ծոծրակին
տանող
սա
մարդուն
մօտ:
Ուշ
էր:
Պատկառելի
մարդ
մը,
ծառին
մէջէն,
թէ
գետնէն
յանկարծակի
բուսած,
կեցեր
էր
անոր
դէմ,
մարդահասակ
բարձր
տափէն,
շեշտ
իր
նայուածքին
տակ
պաղեցնելով
արիւնը
անոր:
Անիկա
յառաջացաւ
մինչեւ
եզերքը
տափին:
Կռնակը`
հասակաւոր
մեծկակ
քարի
մը,
տաշուած
ով
գիտէ
ո՛ր
բարեպաշտին
ուրագովը:
Հաւանական
էր,
որ
ատոր
տակը
պառկած
ըլլար
հայրապետ
Արիստակէսը:
Անոր
գլուխը
կ՚աւլնար
քարին
շրթունքէն:
Խորհուրդին,
հեքիաթին
հովը
կ՚այլ
այ
լէր
անոր
արտայայտութիւնը:
Երբեմն,
վճռական
ամայութիւնը,
սրբութեան
հոտ
մը,
տարիներու
ճգնողութիւն
մը
այս
տեսակ
զգայութիւններ
կ՚արթնցնեն
օտարներուն
մէջ:
-Բարի
եկար,
տղա՛ս:
Սողոմը
պիտի
չզարմանար
այնքան,
որքան
հիմա,
եթէ
ձիւնոտ
առտուներէն,
երբ
գետինները
մութին
ու
լոյսին
մէջտեղը
չէին
կրնար
իրենք
զիրենք
ըլլալ
մեծ
ժամուն
կիսաքող
ամայութեան
մէջ,
պատին
գամուած
մարգարէներէն
մէկը,
առանց
շարժելու
իր
շրջանակէն
ձայնէր
իրեն,
սա
շեշտով:
Մօրուք,
յօնք,
քարին
նպաստը,
որ
յատակ
կը
ճարէր
ու
պատկերի
մը
միերես
փլանին
կը
բերէր
տեսիլ
քը:
Քիչ
մըն
ալ
տարաշէն
խնամքը
-
Սամիկ
Սամունը
Յովհաննէս
Մկրտիչին
կաշիէ
զգեստը
ու
մարգարէներուն
լայն,
թեզանաւոր
շապիկները
կը
կտրէր
սեփական
մալուխով
-
զայն
կ՚ընէին
հինաւուրց
առաքեալ
մը:
Դաշն,
պարուրող,
պալասան
անոր
ձա՜յնը,
որ,
վէրքի
վրայ
թափուած
բորբոք
եղի
պէս`
խորվեց
Սողոմին
հոգին:
Անոր
շրթները
կափկափեցին
ու
չգտան
բառ:
Վա՞խ:
Յուզո՞ւմ:
Գերբնական
ա՞ռքը`
դեռ
կիսակազմ
երեւակայութեանց
վրայ:
Բայց
ինչպէ՞ս
վերլուծել
ինչ
որ
այս
ամէնուն
տարրերէն
ունի
իր
մէջ
ու
չէ
ոչ
մէկը:
Սողոմենց
տղան
հազիւ
երկու
տարով
հեռու
էր
պապենական
տունէն,
որ
ոտքի,
իրական
հեքիաթ
մըն
է
մեր
ամէնուն
համար:
Ու
մեզ
կը
զատէ
լայն
աշխարհէն:
Բանտի
քանի
մը
շաբաթներ
բաւ
չէին`
խորտակելու,
չքացնելու
համար
հրաշալիին
կայսրութիւնը,
որով
հարուստ
են
ու
փառաւոր
տղոց
ուղեղները:
Կարելի
է
տարածել
այս
կեցուածքը
մարդոց
բոլորին
ու
գտնել
առանց
դժուարութեան
մարդոց
երկու
մեծ
բանակները.
անոնք`
որ
պիտի
չպարպուին
այդ
հեքիաթին
աւերակներէն
ու
պիտի
քալեն
կեանքին
մէջ
ձախորդ
ու
ծիծաղելի,
պիտի
տիտղոսուին
գուցէ
մեծ
անուններով,
պիտի
ըլլան
արուեստագէտ,
գիտուն,
հնարիչ,
բայց
պիտի
պարտուին
ու
անոնք`
որ
պիտի
պարպուին,
առաջին
հովերէն
ետքը,
այդ
հեքիաթներուն
փոշիներէն
ու
պիտի
քալեն
ընչաքաղց
ու
անյագ,
նոր
զգայութեանց
ի
խնդիր
ու
պիտի
յօշոտեն
կեանքը,
ուրիշներունը`
ինչպէս
իրենցը:
Սողոմենց
տղան
այդ
րոպէին
մէջն
էր
արդէն
սուրբերուն
հեքիաթին,
տասնով,
քսանով,
հարիւրով,
Յայսմաւուրքէն
ու
Վարք
սրբոցէն,
Հին
Կտակարանէն
ու
Ս.
Կոստանդիանոսի
Վարքէն,
որոնք
կը
կարդար
մինակ
կամ
ամբոխներուն,
կամ
կը
պատմէր
ընկերներուն,
խաչէն
յոգնած,
բացօթեայ
խարոյկներուն
շուրջը,
հաւատքով
ու
երկիւղած,
անոնց
հաշուոյն
բանալով
երկինքին
դուռները:
Բայց
անիկա
մասնաւոր
վախով
մը
կը
ներկայացնէր
տղոց,
մարգարէները,
ահաւոր
այդ
արարածները,
որոնք
աչքի
տեղ
հրեղէն
սլաք
էին
ընդունած
գաղտնիքներու
Աստուծմէն
ու
այդ
լեզուով
կը
ծածկէին
գանկերը
ու
կը
կարդային
ընդերքները
մարդոց:
Անոնց
այդ
զգայարանքը
կը
ծակէր
մա՛նաւանդ
մեր
կուրծքերուն
տախտակը`
թափանցելու
համար
սրտին
թաթովը
գրուածներուն
ու
հողերուն
խորը
թաղուած
գանձերուն
ու
պատահարներու
կծիկին,
որ
ժամանակին
թանձր
խաւին
տակ
կը
լարուի
ու
կը
սպասէ
ու
տկար
է
մարգարէին
բիբին
դիմացը:
-Որո՞ւն
տղան
ես
դուն:
-Սողոմենց…
Հակառակ
հսկայ
իր
վախին
-
ան
կ՚ամչնար
բանտէն
սորված
իր
գիտութեան
հաշուոյն
-,
գոհ
էր
սակայն
խօսելուն:
Կոտրեցա՞ւ
առքը,
քանի
որ
սկզբնական
ահը
տեղի
էր
տուած
աւելի
հանդարտ
բանի
մը:
Խաղա՞ղ:
Չէին
կրնար
ըլլալ
անշուշտ
սա
աչքերը,
որոնք
վեց-եօթը
ժամէ
ի
վեր
միս
կը
դ
ան
կըտէին
ու
քարիւղով
տուն
կը
վառէին:
Անհանգի՞ստ,
քանի
որ
տագնապ
մը
կար
իր
ներսը,
մարգարէի
մը,
Աստուծմէ
ներշնչուածի
մը
ներկայութեամբը
պայմանաւոր:
Կան
պահեր,
երբ
հաստ
պատերը
բարակ
կը
թուին
արշաւող
եռանդին`
ինչպէս
ուրիշներ,
երբ
մեր
գանկերուն
թանձրութիւնը
մեզ
չ՚ապահովեր
գաղտնիքէն,
որ
անոնց
ոսկոր-պատերուն
ներքեւ
կ՚ուրուանայ:
Չէ՞
որ
գիրքերը
կը
խօսին
սուրբերուն
նայուածքէն,
որուն
ասեղը
կ՚անցնի
քարին
ու
ոսկորին
եօթը
շարք
պարիսպէն:
Սամունը
տարաւ
աջ
մատը
ճակտին,
ձախօք,
մահիկի
ձեւ
սպիի
մը
վրայ,
որ
գորշ
իր
ստուերը
կը
ձե
ւէ
ր
լերկ
այդ
կիսագունտին
զառիթափէն,
գունաւոր
ծովու
մէջ
մահիկուող
կղզիի
մը
նման:
Սողոմը
մտաբերեց
մէկէն
շատ
խօսուած
այդ
շարժումը,
որ
գեղացիներուն
արդար
հիացումը
կ՚առթէր,
իր
հետեւանքներուն
անվրէպ
ճշդութեամբը
ու
թելադրածին,
պատմածին
լիակատար
հանդէսովը:
Գանկի
ա
յս
կէտին
մարգարէ
Սամունը
սովոր
էր
ամփոփել
մարդկեղէնին
ու
ասոր
յուշքերուն
ամբողջ
ծրարը,
աջը
վերապահելով
երկնայինին
ցուցմունքներուն:
Ասիկա
արարողութեան
պէս
անաղարտ,
կը
կրկնուէր
ամէն
անգամ,
որ
այցելու
մը
զինքը
կանչէր
անուղղակի
աշխարհիկ
իրերուն:
Սողոմը
նկատեց,
որ
սպին
ու
վրան
խարսխուած
մատը
նման
էին
Դաւիթ
մարգարէին,
նկարէն,
չար,
դաժան
աչքերով
այս
անառակ
թագաւորին,
որ
մատները
սանդուռին`
աչքերը
կը
նետէր
բլուրներէն
ուրուացող
պալատին,
անոր
տանիքին
գեղանի
կնիկներ
տեսնելու
անդիմադրելի
ցանկութեամբը
տոչորուած:
Պատմելէ
առ
աջ
ողբերգութիւնը,
որ
Սամիկենց
Սամունը
բերած
էր
սա
ծառին
խոռոչաւոր
ճգնութեան,
նմանելու
համար
Սիմոնին,
որ
անապատին
մէջ
սիւնի
մը
կատարին,
մէկ
ոտքի,
արագիլի
իր
ճգնումը
կտակեր
էր
սրբոց
վարքերուն,
յիշատակելի
է
տարօրինակ
անոր
պատանութիւնը:
Իմ
օրերուս
շուքի
պէս
կը
յիշուէր
անոր
հօրը
մեծ
մէկ
խենթութիւնը,
որուն
համեմատ
անիկա,
թուրքերէն
հալածուած,
Նիկիոյ
պազարին
մէջ,
վազած
էր
լիճ,
ու
քալած
ջուրին
վրայէն:
Սրբագրեցէք
անհեթեթութիւնը
ու
լողացուցէք
մարդը:
Ու
անիկա
լիճին
արեւելեան
սկիզբէն
մինչեւ
արեւմուտքին
այն
կէտը,
ուր
հայ
գեղին
անդաստանները
կը
դեղնէին
այդ
օրերուն,
թող
շարժէ
իր
բազուկները
ու
չափէ
անբաւ
գրկաչափ
ալիք:
Անիկա
պիտի
ընէ
այդ
անկարելի
սխրագործութիւնը`
փաթթուած
Ս.
Արիստակէս
հայրապետի
պատմուճանին,
աւելի
ճիշդ`
քղանցքին:
Իմ
ժամանակս,
գեղացին
դիւրաւ
ցոյց
կու
տար
հայրա
պե
տին
ճերմակ
ստուերը
կապոյտ
սաւանին
վրայ
ջուրերուն,
առջին
զոյգ
մը
եզ,
հերկելով
հեղուկ
դաշտը,
պատմական
լիճին
երեսը,
հեթանոսները
պապանձեցնելու
դեռ
անյագ
կարօտով,
քանի
որ
դարեր
առաջ`
ինչպէս
հիմա
տակաւին
անօրէնները
կ՚իշխեն
անոր
ափերուն:
Հրաշքը
անշուշտ
ատենին
խմբագրուած
է
ու
ղրկուած
Պոլսոյ
պատրիարքարանը,
որ
օրհնութեան
կոնդակով
մը
կը
նուիրագործէ
տեղի
ունեցած
նշանը
ու
երանի
կու
տայ
զայն
վայելող
աչքերուն:
Ասանկ
հօր
մը`
Սամունին
բխումը`
ծնունդ
տուած
ըլլալու
է
նմանապատում
զրոյցներու,
բայց
մնացած
անարձագանգ:
Ինչ
որ
ի
րողութիւն
է,
ինչպէս
պատմուած
է
ինծի
տունին
երէց
Տ.
Նիկողոս
քահանայէն,
քիչ
մը
խանձ
հոտող
ու
ականջը
ծակ,
Սամունին
որբութիւնն
է
շատ
կանուխէն,
հեղեղէն
քշուած
Սամիկին
տղան,
Սամունը
տաղանդ
է
ցուցած`
հողէ
ու
քարէ
արձաններ
կերտելու:
Ու
ահա
անսովորը:
-
Անոր
արձանները,
մեր
պզտիկուց
շինածին
նման,
տգեղ
ու
յիմար
Նասրէտտին
հոճաներ
չեն
եղած,
կամ
կաղ
Գզիրը,
կամ
հաւը
պոչով
մէկտեղ
չփետտած
կուլ
տուող
ու
ատոր
համար
հաւկուլ
Առաքելը:
Փխրուն
կրաքարերէ
անիկա
ոտքի
է
հանած
կատարեալ
բանակ
մը
սուրբերու
եւ
սրբուհիներու,
կրկնելով
ժամուն
նկարազարդ
վարագոյրէն,
անկէ`
որ
ճրագալոյցներուն
միայն,
գիրք
կարդալու
ատեն
կը
քաշուի
խորանին
երեսին,
բոլոր
տեսարանները
ու
անոնց
դերակատարները,
այսինքն`
Հին
Կտակարանը,
Ծննդոց
Գիրքին
մանրադրուագ
յեղումովը
ու
նորը,
իր
լիճերով
ու
ձկնորսներով,
հրաշքներով
ու
խոզերով,
դեւերով
ու
մեռելներով,
խաչելութեան
ու
յարութեան
պայծառ
տեսարաններով:
Սնտուկ-սնտուկ,
բոլորն
ալ
մաքրամաքուր
մամուռներով,
տաքուկ-տաքուկ
զետեղած
իրենց
տան
գետնայարկ
մէկ
սենեակը,
ուրկէ
«աւուր
պատշաճի»,
անոնք
թափօրով
հանուած
ու
տարուած
են
վերնայարկ,
հօրը
սենեակը:
Այս
սենեակը
անիկա
օծած
է
ժամ,
տօնակարգի
բոլոր
աղօթքներով,
ծիսակատարութեամբ:
Անիկա
ունի
ամէնէն
զարհուրելի
յիշողութիւնը,
որ
լսուած
ըլլայ
գեղին
մէջ:
Ու
մէկ
կարդալը
բաւ
է
իրեն
գոց
սորվելու
համար
հատորներ,
անսխալ
ու
մարսուած:
Սենեակին
կեդրոնը,
պատը
(արեւելքինը)
փորած
է,
մօրը
գլուխը
պատռելով
արգելք
յարուցանելուն,
ու
հաստատած
աւագ
խորանը,
առջին
բեմ,
ու
քիչ
մը
բաց`
դաս:
Խորանին
վրայ
անոր
Աստուածածինը,
աղուոր
ու
խռովիչ`
ինչպէս
նոր
հարս
մը,
օծուած
է
շրթունքէն
ու
այտերէն
գրաւչութեամբ
մը,
որ
սարսուռ
կը
բանայ
դիտողին
ներսը:
Ու
Աստուածամօր
ծոցին
Յիսուս
մանուկը,
խաս
մարմարէ,
զոր
ճարած
է
անմատոյց
ժայռերու
սիրտը
փորելով,
չուաններով
ինքզինքը
կախած
սարերէն,
հանելու
համար
գունտիկ
քարը
ու
գլխուն
վտանգովը
ազատելով
Յիսուսցու
մարմարը
ապառաժին
որովայնէն:
Ըրած
է
այդ
արձանին
երեսները
թափանցիկ,
քիչ
մը
դեղնաւուն,
նման
սատափի,
ուրկէ
արեւ
մը
անցնի,
վառի
ու
չմարի:
Քուն,
շրթները`
լուսէ
ծիծերուն,
անիկա
մերկ
իր
թաթիկը
դրած
է
Աստուածամօր
ծոցին
ու
կը
ժպտի,
մարմար
իր
ժպիտը,
որ
այդ
քարութիւնը
կը
փոխէ
ժանեակի
եւ
հալած
փրփուրի:
Խորանին
աստիճաններուն,
մարգարէներ
գոնջ
ու
կատաղի,
բռունցքնին
խուփ
ու
ամրաձիգ`
արքաներու
եւ
պոռնիկներու
գագաթին,
իրենց
անէծքները,
չար
ի
չար
տեղաւորուած
կարծես
իրենց
ճակտի
կնճիռներուն
ու
յօնքերուն
թաւուտքին:
Ու
խորանին
աստիճաններուն
առաքեալներ,
բորբոսած
գլուխներով
ասոնք
ալ
,
ինչպէս
են,
էին
հրեաները
այդ
օրերուն,
գեղէ
գեղ
իրենց
փտած
ապրանքները
պտըտցուցած
ատեն,
հիմակուան
սեղանաւորներուն
գիշատիչ
նայուածքէն
այլապէս
հեռու՜:
Ճաղատ
ու
խիստ,
կատաղի,
ափերնին
օձի
խարազան
կամ
ծաղկած
մական:
Որոնք
կարծես
ոտք
կը
փոխեն`
աչք-աչք
քալելով
դէպի
երկինք,
կտրելով
միջոցը,
քիչ
մը
վերօք
եւ
որ
սակայն
կը
թուի
անբաւ`
ինչպէս
ինքը`
մեղքն
է
մեր
մէջ,
մեր
ոտքերուն,
փոքր`
բայց
անպարագիծ:
Ոչ
ոք
գիտէ,
ուրկէ՞
ճարած
է
անիկա
ձեւի
այս
վայելչութիւնը,
քանի
որ
Ճրագալոյցի
վարագոյրին
կամ
Դատաստանի
պատկերին
վրայ
խամաճիկներ
են
դէմքերը,
ու
ծիծաղելի`
զգեստը:
-
Անոր
մէկ
ուրիշ
արձա՛նը.
դարձեալ
կնիկ,
որ
կը
յիշուի
գովեստով
տէրտէրէն:
Մարիամ
Մագթաղինացին
է
ատիկա,
մազերը
ոսկի,
գլխէն
հեղեղուող,
բայց
բխումէն
անսպառ,
որուն
ծոցին
պարոյրը
օրինակուած
է
կ՚ըսեն
Հայրապենց
մէկ
հարսէն:
Խորանին
աջ
ու
ձախ
սիւներուն`
հրեշտակնե՛ր,
ճերմակ
ու
ոտքին
մինչեւ
կոճերը
գոցող
շապիկով,
որուն
ծալքերը
խմորի
պէս
կակուղ
ու
տաք
կը
թուին
ու
արիւն
կ՚առնեն
ու
արիւն
կու
տան`
ձէթ
կանթեղներուն
դողդոջ
լոյսերէն:
Բայց
որոնց
ուսերէն,
թեւերը,
ճշմարիտ
թռչունի,
կը
ճիւղաւորուին,
ոսկէ
փոշի
ու
փրփուր,
զանակ-զանակ
ու
կորաւոր:
Ու
յատուկ
սեղան
Աւագ
Հինգշաբթիի
համար,
զատ
Յիսուս,
տասներկու
մարդեր:
Մատնութեան
տեսարան,
մանրանկար
ձիթենիներով
գեղակերտ
պարտէզ:
Ու
զարհուրելի
Յուդան,
որուն
աչքերուն
խոռոչին
մէջ
յարմարցուկ
ուլունքներ,
մէկէն
արի
ւն,
միւսէն
լեղի
կը
փսխեն:
Ու
խորունկ
ու
տպաւորիչ
Գողգոթա`
երրեակ
խաչերով:
Բլուրին
ստորոտը`
Սուրբ
քաղաքը,
ուրկէ`
տաճարին
գմբէթները
սերկեւիլի
չափ
խոշոր,
հետզհետէ
փոքրանալով
մինչեւ
կաղինի
մեծութիւնը:
Խաչելութի՛ւն,
գէր
աւազակներու
մէջտեղը,
կողերը
համրուող
Յիսուսով
մը,
որուն
գլխին
պսակը
փուշ
ըլլալէ
աւելի`
փետտուած
ու
քարին
մխուած
ատամ
է
խածնող:
Բայց
անոր
գլուխ-գործոցն
է`
ինչպէս
կը
հաւաստուէր
մինչեւ
իմ
ժամանակս,
Յուդա
Իսկարիովտացին,
կաղապարուած
կաւով
մը,
զոր
լիճը
կը
պահէ
եղերական
ժլատութեամբ
մը
իր
է՛ն
վտանգաւոր
խորխորատներէն
մէկուն
զառիթափին,
եռուն
ու
ընկլուզող
անդունդ:
Քանի՜-քանի՜
տղոց
ոտքերը
շղթայուեցան
այդ
կաւին
ու
ա՛լ
չփրթա՜ն:
Սեւ
ձիւթ
է
անիկա,
բայց
որ
չորնալով
կ՚ըլլայ
ամուր`
ինչպէս
քարը:
Թող
անցնի
ձէթ
այդ
սեւին
վրայէն,
ու
ահա
կաւը
կը
ջերմանայ,
կը
փայլոտի,
վաւերական
զգայութիւնը
տալու
չափ
մարդկեղէն
միսի:
Մանրադիր
այս
արձանիկները
անիկա
կը
շարէր
դասին
աջ
ու
ձախ,
տղոց
առաջօք,
մորթելու
սպառնալիք
մը
դրած
բոլորին
սրտին,
եթէ
մատ
փորձէին
դէպի
սուրբերը:
Կ՚ընէր
արարողութիւնը,
տէրտէրին
ու
տիրացու
վարժապետին
զոյգ
բերանները
մ
իացուցած
իր
վրայ,
եղանակին
համեմատ
ամէն
տօնուողի
յատուկ
կարգ
կատարելով:
Կ՚ընէր
պատարագ
մաշած
պասմայէ
շուրջառ
մը
ուսին,
գլխին
սաղաւարտ,
որուն
վակասին
վրայ
ճարմանդած
էր
անիկա
թիթեղէ
եւ
ուլունքէ
զարդեր:
Կ՚ելլէր
քարոզի,
շրջապատուած
իր
արձաններէն
ու
կը
խօսէր
ան
ոնց
բերանէն
ու
անոնց
դրուագներէն,
տեսարանելով
-
դիմախաղ,
դիմառնութիւն,
չարչարանք,
անէծք,
մահ,
գլխիվայր
խաչուիլ,
ու
վկայաբանութեանց
տպաւորիչ
տուեալները
-
այնքա՛ն
կենդանի,
որ
մտիկ
ընող
տղաքը
մոմ
կը
դառնային
իրենց
սարսափէն:
Անիկա
կ՚ոռնար
Յովհաննէս
Մկրտիչին
պէս:
Բայց
ահաւոր
ողբերգութեան
մը
պէս
կը
կախէր
Յուդան,
զայն
խղճի
խայթին
տակ
բզիկ-բզիկ
ձողելէ
ետքը,
կուպրոտ
չուանէ
ու
կը
ճօճէր
դիակը,
սաղմոսի
պէս,
տուն-տուն,
հայհոյելով
անոր
մօրը,
որուն
արգանդը
լաւ
կ՚ընէր,
եթէ
կարիճ
մեծցնէր,
հօրը,
որուն
ճիտին
ջաղացքին
քարը
կը
կապէր,
ատանկ
մեղքի
մը
սերմը
ընդունած
ըլլալուն
իր
երակներուն
մէջ:
Բայց
սարսըռագին
կատաղութեան
մը
կը
բարձրանար
իր
շեշտը,
երբ
կը
քակէր
չուանը,
կը
փչէր
արձանին`
սադայէլին
շունչը,
կը
կանչէր
կեանքի,
մահը
անարժան
գտնելով
անոր
ոճիրին
ու
կ՚ապրեցնէր,
յաւիտեանէ
յաւիտեան,
թէ՛
հողին
վրայ
իր
ուրուականը,
որ
պիտի
թափառէր
մինչեւ
դատաստան
ու
րոպէ
պիտի
չունենար
առանց
կճուելու
օձերու
տրցակներէն,
իր
մարմինին
բոլոր
ծակերուն
մէջ
տեղաւորած
իրենց
սլաքները,
թէ՛
դժոխքի
մէջ
անոր
ամբողջութիւնը,
հնարելով
վայրագ
ու
կենդանի
երեւակայութեա
ն
մը
բոլոր
սարուածը,
պատիժներու
եւ
տանջանքի
անդունդներէն:
Անիկա
կը
յօգնէր
ու
կը
նետէր
գետին,
արձանը,
փշուր-փշուր
ընելով
ձիւթը,
յաջորդ
տարի
հեղ
մըն
ալ
նորոգելու
համար
անագորոյն
պատուհասումը:
Դրացիները,
պատուհան-փեղկերը
կիսախուփ`
մտիկ
կ՚ընէին
այս
ահալուր
բացագանչումը
ու
կը
մտածէին
մեղքին
զեփիւռին
դիմաց:
Բայց
քաղցր
ու
գրեթէ
էգ
էր
անոր
ձայնը,
երբ
կ՚երգէր
մեր
շարականները,
գոց
ու
ամբողջ,
պատանեկան
թարմութեամբ
ու
խանդով:
Գոց
գիտէր
բոլոր
արարողութիւնները:
Անոր
«Խաղաղական»ները,
Մեծ-պահքի
երեկոներուն
կը
յուզէին
նոր
դարձող
արագիլները
անգամ,
որոնք
դէմի
փուռին
գագաթին
զոյգ-զոյգ
կը
կենային
«մտամփոփ
ու
երկիւղած»,
կարծես
հասկնալով
խորունկ
մեղքերը,
անցնող
մարդոց
աղիքներէն,
տարիին
այդ
եղանակին,
երբ
թռչուններուն
մէջ
սեռը
կը
խօսի
ու
կիներուն
մէջ
ով
գիտէ
ի՜նչը:
Ու
գիտէր
գոց
բոլո
ր
համայիլները,
իրենց
կախարդական
տարազներով,
սադայէլեան
սպասարկութեամբ
ու
նուսխաներուն
բազմահրաշ
ցուցմունքովը:
Ու
գիտէր,
ծայրէն
դէպի
սկիզբ
ելլելու
պայմանով:
Այս
վստահութեամբ,
բարբառի
այս
հարազատութեամբ,
զոր
մեր
միտքը
կը
դնէ
իր
իսկ
իսկութենէն
բխած
երեւոյթներուն,
իրը
ընելու
բառն
ու
շարժումը
ու
տպաւորելով
մարդիկը
տասնապատիկ
ուժգնութեամբ
մը
-
բոլոր
կրօնքներու
հիմնադիրները
գրել
չեն
գիտեր
ու
հոդ
է
աղբիւրը
իրենց
հեղինակութեան
-,
անիկա
իր
ժամերգութիւնները
կ՚ընծայէր
իբր
բացառիկ
մրցանք
մը,
որուն
ընթացքին
տղոց
հոգիները
դէպի
արքայութիւն
ու
դժոխք
թեւ
բացած
հրեշտակներու
նման
կը
վերանային,
մոռնալով
իրենց
ոտքերուն
տակ
թրիքէ
յատակը
սենեակին,
ու
մոռնալով
տղու
բոլոր
սրտառուչ,
պարզ
գինովութիւնները
խաղէն
ու
վազքէն:
Այսպէս
տեսարանւած,
շարականուած`
«ժամու
խաղը»
հզօր
չարչարանք
մըն
էր
ամէնէն
առաջ
խաղարկուին,
որ
կը
դեղնէր
աչքերէն,
կը
տխրէր
խոր,
կ՚արձակէր
իր
ժողովուրդը
ու
կ՚իյնար
իր
Աստուածամօր
ոտքին,
մեղքէ
խենթեցած
ու
լացով
ողոքել
ջանալով
վերնական
զօրութիւնները:
Ու
կը
լսուէր
անոր
ձայնը,
մինչեւ
ուշ
գիշերները,
հասնելու
համար
դուռները
երկինքին:
Տիրացո՞ւ:
Անկէ`
տէրտէրցո՞ւ:
Մարդիկ
կը
թօթուէին
գլուխ,
հաշտեցնել
չկրնալով
ծանօթ
ասպարէզը,
տէրտէրութիւնը
իր
զուարթ
բարութեան,
սրամիտ
ու
շէնշող
լայնասրտութեան,
տեղին
համեմատ
լուրջ,
խոր,
միշտ
խելացի,
շրջահայեաց,
մա՛նաւանդ
համոզկեր
պարտիքներովը
,
նոյնիսկ
բաւական
գիրուկ
իր
մեղքերուն
հանդէսովը,
սա՛
պատկերին,
որ
տասնհինգամեայ
այս
պատանին
կ՚ընէր
արդէն,
տարին
քանի
մը
հեղ,
վաւերական
ճգնաւոր
մը,
Աբբա
Մարկոսի,
Հայր
Անտոնի,
Սրապիոնի
գիծէն
բարբարոս
անապատական
մը,
ասոնց
անունովը
պապանձեցնելով
տէրտէրը,
վարժա
պետը,
Գործքին
ու
Միտքին
միջեւ
աշխարհիկ
հաւասարակշռութիւնը
յայտարարելով
«գործ
պղծութեան»
ու
խարազանով
վանելով
աղջիկները
իրենց
տունին
շրջանակէն,
կոտրելով
ոտքը
մօրը
եւ
քոյրերուն,
երբ
ասոնք
յանդգնէին
մօտենալ
խորան-սենեակին,
փետտելով
անոնց
մազերը,
ընդդիմութեան
ատեն,
ու
խածնելով,
կատղած
գայլի
պէս,
հանդիպած
կէտին:
Մարդիկ
չէին
կրնար
հաշտեցնել
այս
կնատեացութիւնը`
գեղին
կարգերուն
ու
կը
վախնային
անկէ,
երբ
կ՚ոռնար
«յանուն
Յովհաննու
Մկրտչի»
սա
մեծերուն
երեսին,
լրբութեամբ
կը
կախէր
վարագոյրը
իրենց
ախորժակներուն,
անոնց
ուս
ին
ցուցադրումի
կը
հանէր
կարասները
իրենց
մեղքերուն:
Կին
տարրին
դէմ
այս
ատելութիւնը,
զոր
իր
մէջ
մշակած
էր
իր
հարսէն
ծեծ
ուտող
ութսունամեայ
քահանան,
իր
ծերութեան
մէջ
վրան
շռելուն
եւ
որ
եղած
էր
անոր
ուսուցիչը
գրաբար
ու
ձայնաւորութիւն
կոչուած
մեծ
գիտութեանց
մէջ,
պիտի
ըլլար
մեծագոյն
ցաւը
անոր
մօրը:
Երեք
օր
լեռնէն
չիջաւ
անիկա,
երբ
լսեց
ամբարիշտ
առաջարկը:
Բայց
անոր
մայրը
գաղտնի
յանձն
առաւ
տէրտէրին
շեռոտ
լաթերը
լուալ,
որոշ
փոխարինութեամբ:
Քահանան
ժամանակ
ուզեց:
Ասդին,
իր
արարողութեանց
խոր,
ազդու,
մռայլ
տպաւորութեամ
բը,
ճգնողական
իր
խստութիւններովը,
որոնք
ետին
կը
ձգէին
տարեկան
պահքերը,
շաբաթով
ծոմերը,
քառսուն
գլուխ
սաղմոսները,
ձարը
եւ
բոպիկ,
ձիւնին,
տունէն
ժամ
երթալը
-
ընդհանուր
տարազներ
միջին
ապաշխարանքի
-
ու
պակաս
իր
«տախտակովը»,
-
անիկա
ատոր
փաստը
տուած
էր,
«յանուն
Հօր
եւ
Որդւոյ
եւ
Հոգւոյն
Սրբոյ»
ցատկելով
փողոց
տանիքներէն
ու
մնալով
անվնաս,
քանի
որ
պատուիրուած
էր
հրեշտակներուն,
իրենց
թեւերուն
վրայ
ընդունիլ
զինքը,
անիկա
ելաւ
տեսակ
մը
անմեկնելի
համբաւի,
ուր
կը
մտնէր
իրաւը,
սուտին
չափ:
Հետզհետէ
անիկա
կ՚ախորժէր
լեռնէն,
ուր
կը
մնար
շաբաթներով,
«խոտ
ճարակելու»
տրամադրած
մարմինին
բոլոր
աղբիւրները:
Խե՞նթ:
-
Դիւրին
չէր
վճռելը,
քանի
որ
բացի
շարականներէն,
յայտ
ու
անյայտ
աղօթամատեաններէն`
անիկա
լման
գոց
էր
ըրած
Աստուածաշունչ
մատեանը,
պատկերազարդ
ու
շատ
հին
տպագրութեամբ,
գրաբար:
Ու
գոց
էր
ըրած
նորէն,
հակառակ
իր
ուսուցողին
արգելքին,
աշխարհաբար
Ս.
Գիրք
մըն
ալ,
ով
գիտէ
ի՛նչ
հրաշքով
մոլորած
դէպի
սա
բարբարոս,
բայց
խորապէս
հաւատաւոր
գեղը:
Ջուրի
պէս
ջաղացի
անիւին
վրայ,
այնպէս
կը
թափէին
գլուխները
բերնէն,
երբ
ուզուէր,
առանց
գիրի
մը
սխալին:
Ու
մարդիկ
խաչ
հանելով
կը
հեռանային
անոր
քովէն,
Աստուծոյ
մէկ
նշանը
իբրեւ
ընդունելով
սա
կարողութիւնը:
Խե՞նթ:
-
Քաջութիւն
էր
հարկաւոր
սուրբերն
ու
առաքեալները
մօրքրոջ
տղոցը
պէս
ընտանի
նկատող,
իր
խօսքերը
միշտ
գրաբար
համարով
մը
լուսաւորող,
բացի
խոտէն
ու
գիշերային
հսկումէն
ուրիշ
շեշտուած
ախորժակ
չմատնող
սա
տղան
նոյնացել
այն
միւսներուն
հետ,
որոնք
իրենց
տունին
խաղաղութեան
մէջ
յանկարծակի
կը
վառեն
սատանային
ջահը,
կը
կոտրեն,
կը
թափեն,
կը
խղդեն
իրենց
ծոցին
կինը
կամ
կը
կացինեն
իրենց
պզտիկները
ու
կը
փախչին,
ինչպէս
այսահար
գազանը,
մեռնելու
կամ
անհետ
հեռանալու
համար
գեղին
սահմաններէն:
Բայց
պակաս
մը.
ոչ`
ծնունդէն,
ինչպէս
սովոր
են
աճիլ
ասոնք,
արգանդի
վիժուկները
փողոցին
վրայ
տարիներով
նստուկ,
երբեմն
շինիկի
մը
չափ,
երբեմն
ալ
մեծկակ
սերկեւիլի
մօտ,
գլուխ
մը
տնկած
իրենց
ուսերուն
կեդրոնագիծին,
երկու
մատ
կամ
թիզ
մը
ճակատով,
փոքրամարմին
ու
խելօք:
Պակաս
գանկին
մէկ
տախտակով
:
Ոչինչ
կը
զանազանէ
այս
ցեղը
միւսներէն,
վաւերական
դիւահարներէն:
Աստուած
ինք
գիտէ,
թէ
ինչ
քաշեց
անոր
մայրը
պայմանեալ
տարին
հասցնելու
համար
իր
տղան,
որմէ
յետոյ
ամուսնութիւնը,
անխուսափելի
պատգամ
է
ամէն
մանչու
եւ
աղջկան:
Անիկա
ո՛չ
միայն
ծաղիկի
պէս
լուաց
տէրտէրէն
մնացած
ճերմակեղէնները,
այլեւ
չունեցած
իր
բերքերէն
«Մէկ
ձեռքը
գող`
մէկալը
բոզ
ըրած»
կրեց
քահանային
անյագուրդ
ոսկորին,
որ
անհաս
հիւանդութեամբ
մը
զարնուած`
«Ֆիլ
էր
կտրեր»,
ուտելով
եօթը
գոմշու
չափ,
խմելով
եօթը
սափոր
ու
ճուալով`
ինչպէս
անօթի
մկնիկ
մը,
բարակ-բարակ,
«հաց»
բառը
կախած
լինտերէն:
Աստուած
ինք
միայն
գիտէ
ի՜նչ
հերոսական
աշխատանքով,
ի՜նչ
կամքի
հեղումով
անիկա
հաճեցուց
մօտի
թաղէն
անօթի,
հացթուխ
այրի
մը,
որպէսզի
իր
խորթ,
մէկ
աչքէն
կոյր
ու
«դեւի
պէս
սեւ»
աղջիկը
կնիկ
տայ
իր
տղուն:
Ստիպուած
էր
այդ
ցուցանքը
իբր
հարս
տունն
ի
վեր
տանելու,
քանի
որ
տղուն
յամառութիւնը,
յարմար
տարիքին,
այսինքն`
տասնէն
տասնհինգին,
գոցած
էր
անոր
երեսին
բոլոր
դուռները:
Աղջիկները
թանկ
էին
այդ
գեղին
մէջ:
Աստուած
ինք
գիտէ,
թէ
ինչ
արագութեամբ
անիկա
ճարեց-ճարճրեց,
ու
այրիի
պէս
պսակ
մը
փաթթեց
իր
տղուն
գլխուն
իբր
մայր,
գերագոյն
տառապանքը
ապրելով,
ուրիշներու
կարգին
չպարծենալով
իր
տղուն
«թագովն
ու
փառքովը»:
Բայց
կարգեց:
Անիկա
հանգիստ
սիրտով
կրնար
գոցել
աչքերը,
քանի
որ
յարգած
էր
գեղին
մեծագոյն
պատգամը,
որ
բարակով
պառկած
մանչն
անգամ
կը
հարկադրէ
անպատճառ
ամուսնանալ,
քալելու
անկարող
իսկ
պարագային
պատգարակով
«ընթանալ»
դէպի
սուրբ
խորանը,
մտնել
պսակին
տակ
ու
ծոցին
առնել
կնիկ,
հոգ
չէ
կոյր,
սեւ,
կաղ
կամ
խուլ:
Կարեւորը
փրկութիւնն
է
ճետին,
որ
միշտ
արու
կ՚ըլլայ
ու
կը
շարունակէ
օճախը
վառել:
Ճակտին
երկու
ծայրերուն
իրակա՞ն
էին
եղջիւրները,
թէ
մարդիկ
կը
յերիւրեն
նման
զրոյցներ,
հպատակելով
անտես
մղումներու:
Ոչ
ոք
պիտի
գիտնար
սակայն,
բացի
Սողոմէն,
այն
միւս
իրողութիւնը,
որ
անոր
ուղեղը
խաշոցէ
անցուց:
Անիկա
իր
կինը
գտաւ
ծոցը
իր
պզտիկ
աղբօրը,
օր-ցերեկով,
երբ
մայրը
այգի
էր,
քաղի,
ու
հարսը`
հիւանդ:
Աղբա՞րը:
Բեռնով
խաղող
էր
բերած:
Այդ
պատահարէն
դէպի
վաւերական
խելագարումը`
ճամբա՞ն:
Այն
ատեն
դժուար
էր
ճշդել:
Հիմկու
մարդերը
պիտի
չնեղուին…:
Ան
գիշերն
իսկ
անիկա
կրակեց
իր
տունը,
աղբարը
ախոռին
մէջ
խղդելէ
ետքը,
յարդանոցի
յարդին
բացած
անոր
բերանը
ու
ամորձիքները
ճմուռ-ճմուռ
փրցնելով
անոր
ագռամէջէն:
Ելած
էր
վեր,
նետած`
պատուհանէն
կնիկը,
ծոցէն
տարուընակ
տղայ,
ետեւէն
մայրը
ու
հեծած
իբր
ձիու
մը`
պատուհանին
վրայ,
մէկ
ոտքը
ներս,
միւսը`
դուրս,
երկնապիշ,
աղօթող,
մինչ
բոցը
կը
սողար
դուրս
պատուհանին
վերեւէն
ու
կը
խոնարհէր
ալ,
լզելու
մազերը
անոր
բաց
գլուխէն:
Լուռ
էր
անիկա,
ամբոխին
ճիչին
ու
պաղատանքին
ու
կրակին
հիւքին
տակ`
վայելչօրէն
բարբարոս,
ճգնաւոր,
նահատակ:
Հերոս
երեք
տղոց
բազուկները
հազիւ
զատեցին
անոր
մարմինը
կրակին
կլափէն
ու
գլխուն
զարնելով,
դանակին
կոթովը,
վար
հրեցին
անոր
դիակը
գրեթէ,
քանի
որ
փակ
էին
աչքերը,
ու
կզակները`
հիւսւած:
Մոխիր
դարձաւ
Սամիկենց
տունը,
օճախն
ալ
հետը,
վասնզի
սալաքարերուն,
մեռած
մօրը
ծոցին
վրայ
հազիւ
արիւնոտած
անոր
տղան
կը
մեռնէր
մօրը
ետեւէն
նոյն
այդ
գիշերին,
սո՜ւտ
վարդի
մը
չափ
ալ
բան
չհասկցած
սա
մեր
աշխարհէն:
Խե՛նթ
էր
անիկա,
երբ
բացաւ
աչքերը:
Փրցուց
չուանը
ու
կացին
քաշած
կեցաւ
փողոցին:
Տանտիկին
մը
պարպեց
վրան
աման
մը
մոխիր,
ու
ճուացուց
զայն,
աչքերը
այրելով
կրակէն
աւելի
գէշ:
Ան
նետեր
էր
կացինը
ու
կը
փետտէր
աչքին
գունտերը:
Սայլի
շղթայով
կապեցին
անիկա
ու
քշեցին
ժամուն
զնտանը:
Եօթը
օր,
եօթը
գիշեր
ոռնաց
անիկա:
Ու
ինչպէս
ստորերկրեայ
անդունդէ
մը`
կ՚որոտար
անիկա
յստակ
ու
ահեղ,
Յովհաննէս
Մկրտիչին
նման
«Ձայն
բարբառոյ
յանապատի»…:
Ու
կ՚որոտար
անիկա,
գեղն
ու
աշխարհքը
թուղթէ
առարկաներու
նման
ալիւրի
պէս
մանրելու
եւ
հովին
յանձնելու
սպառնալիքով:
Խե՞նթ:
Անշու՛շտ:
Ու
յիշեցին
հայրը,
ու
յիշեցին
մենծ-հայրը,
որ
արջ
մը
գրկած,
զսպած
ու
գեղ
էր
բերած,
Ջուր-ելածի
իր
արտէն
բռնելով
անիրաւ
կենդանին,
իր
լուբիաներուն
արմատը
ջուրին
դնող
ու
չամչցող,
չվախցող,
դէմ
դնելու
չափ
Սամիկենց
Արջուն,
այսպէս
անուանուած
երեք
կանգուն
իր
հասակին
ու
մէկուկէս
կանգուն
իր
թեւին
համար:
Բայց
չդրին
մէջտեղ,
չգիտնալնուն,
եղերական
տեսարանը
«դեւի
պէս
սեւ»
անոր
կնիկին…:
Ղրկեցին
քաղաք,
ուր
մնաց
եօթը
տարի,
յիմարանոցին
մէջ
երգելով
ու
լալով,
թուրքերէն
ծեծուելով-ծեծուելով,
զգաստանալու
չափ
պակսելով
իր
ուղեղէն
ու
իջնալով
իր
կատաղութեան
պարունակներէն:
Երբ
դարձուցին
գեղ`
անիկա
սուսիկ
ըսուելու
չափ
անշարժ
տղայ
մըն
էր,
օրերով
անխօս,
լեռները
երազող,
ասոր-անոր
դուռը
պզտիկ
գործերու,
հանելով
հացը
ու
պառկելով
փուռ-վրաններու,
անդադար
մենախօսելով
սատանաներուն
հետ,
փախչլով
անոնց
նիզակներէն
ու
մտրակներէն,
որոնք
կրակի
թելերէ
էին
հիւսուած:
Դէպի
Ս.
Ըռըստակէսի
սօսի՞ն:
Եղաւ
ա
տիկա
ալ,
սաստիկ
տաքէ
մը,
երբ
գեղացիին
կարծիքով
շոգէն
կը
թուլնայ
անտեսանելի
այն
խէժը,
որ
մեր
ուղեղին
տախտակները
իրարու
կը
փակցնէ:
Հետեւանքը
պարզ
է:
Յիմարութեան
տարիները
առած
էին
անոր
խելքին
հետ,
գանկին
պահպանակը
սեպուող
մազերն
ալ:
Աւելի`
դրած
ճակտի
ծայրերուն
կոտոշի
նման
զոյգ
մը
ցցունքներ:
Ատ
տաքին
օրը
տեսան
անիկա
ձախ
մատը
դեռ
գամի
նման
մխած
եղջիւրին
-
ոչ
ոք
տեսած
էր
ատիկա,
հակառակ
լերկ
գանկին
-
կատաղութեան
գերաճուն
նոպայի
մը
մէջ,
բանակ
մը
դեւերէ
հալածական,
որոնց
անունները
կը
հոսէր
անիկա
իր
բերնէն`
ինչպէս
օձե
ղէն
լեզուակներ
-
տեսնողները
երդումովը
կը
հաստատէին
այդ
օձերուն
գետին
թափիլը,
ոտքերուն
ու
կտոր-կտոր
ըլլալը
միւսներէն,
քէրովբէներ
ասոնք,
ադամանդ
-
բերան
իրենց
սուրերով,
որոնք
կը
մանրէին
դեւերը`
ինչպէս
ձուկի
խայծ
կազմելիք
երկրամայրերը
կը
մանրէ
ձկնորսը,
ու
կը
պաշտպանէին
Սամունին
կռնակը
յարձակող
բանակէն
-,
անիկա
շունչը
առած
էր
պատմական
ծառի
խոռոչին:
Ի՜նչ
ուժ
էր
ատիկա,
որ
երկու
ժամուան
այդ
զառիվերը
ըրեր
էր
առանց
դադարի:
Ուղեղային
այս
տագնապի,
իր
բացառիկ
խստութեամբը,
լծորդ
ոտքին
գոլովը,
որ
մարդոց
շունչին
հետ
կրակ
կը
փոխադրէ
դէպի
ներսերը,
երկար
ատեն
խօսուեցաւ
գեղին
մէջ,
մա՛նաւանդ
մեծ
մեղքերուն
վրայ
գոցուող
գիշերներուն
-
կեանքը
հասարակաց
սեղան
է
գեղին
համար
-,
այն
խռովայոյզ
ժամերուն,
երբ
տանուտէրերը
իրենց
հացը
ծամելէ
ետքը
խոր
յուզումով
փառք
կու
տան
Արարչին,
կ՚օրհնեն
սեղանը
ու
զայն
բոլորողները
ու
կը
պաղատին
Ս.
Հրեշտակապետին
-
գեղին
պաշտպան
սուրբը,
որուն
անունով
կանգուն
էր
եկեղեցին
-
քաղցր
ընելու
իր
սուրը
մեղաւորներու
վիզին,
ու
կիսովի
խուփ
բառերով`
դառնալէ
յետոյ
օրուան
խժդժութեան,
անոր
մէջ
երեւան
եկած
անասնութեան
ու
մեղքին
նոր
մթերքին,
օճախին
առջեւ
կը
դնէին
իրենց
ա՛լ
կթոտ
ծունկերը
ու
բուռ-բուռ
սարսուռ
կը
թափէին
մը
սիրտերու:
Սամունը
չեկաւ:
Դէպի
սրբութի՞ւն:
Դիւրին
չէ
ճամբան,
բայց
ոչ`
անհնար:
Անոր
նպաստեց
իր
պատանութիւնը,
սուրբերուն
բանակները
յիմարանոցին
մէջ
իր
քարոզութեամբը
դարձի
եկած
հրեայի
մը
հեքիաթը:
Մնաց
որ,
ամէն
խենթ,
բառին
իսկ
պարունակովը,
սրբացու
է
քիչ
մը,
եթէ
ոչ
ամբողջ,
Աստուծոյ
մէկ
ընտրեալը,
որ
խողովակը
պիտի
ըլլայ
անհաս
կամքին,
ու
պատուիրանքին
մարդոց
վրայ
հեղուելուն:
Կարելի
է,
առանց
տունն
ու
տեղը
լքելու,
անդամալոյծի
խշտեակին
վրայ,
ընել
այդ
մասնագիտութիւնը,
ձեռքերը
եօթն
օր,
եօթը
գիշեր
«
Հաւատամք
»
ձեւած:
Կամ
ուրիշներու
պէս,
ըլլալ
իր
բանին,
հողին
ու
մեղքերուն,
բայց
որոշ
օրեր`
աչքերը
փակել,
բերանը
բանալ,
երկինքն
ու
արքայութիւնը
պարպել
կոկորդէն,
անոնց
բոլոր
բնակիչներովը,
շարժումներուն
քարտէսովը
ու
արթննալ,
ափ
ի
բերան,
դեղնած,
յոգնած,
աչքերը
լեցուն
ու
վախի
փքոց
մը
տեղաւորած`
կզակներուն:
Ասոր
օրինակները
ընթացիկ
են
ու
շահաբեր:
Կ՚ազատին
այս
ճամբով
ծերերը`
իրենց
հարսներուն
մուրէն,
պառաւները`
իրենց
մանչերուն
ծեծէն:
Մէջ-կնիկները`
հարսնցու
կը
ճարեն,
երբեմն
ալ…
սիրող:
Դէպի
գուշակութի՞ն:
Նոյնն
է
զառիթափը:
Սամիկ
Սամունին
զառանցանքները,
բարեխառնուած
Սաղմոսով
ու
Նարեկով
ու
շարականով,
սրտքաղուած`
դասական
ու
ինքնատիպ
անէծքներով
ու
օրհնէնքով,
աճած,
ուժովցած`
Կտակարաններուն
բոլոր
բերաններովը,
բոլոր
մարգարէութիւններովը,
երկրաւոր
կամ
երկնաւոր
աղէտի
մը
պատահական
զուգադիպում
-
կարկուտ`
խոշորէն,
հաւկիթէն
ալ,
շարժ`
որ
կը
թափէ
տուները
գետին,
հասած
թութերու
նման,
մահտարաժամ`
գերդաստանը
տառապէս
հնձող,
սրածութիւն
ու
մեծ
կրակ,
որոնք
ինքնին
թշուառական
այդ
արարածներուն
ոտքին
հողը
կ՚ընեն
խորխորատ,
ու
ան
միւսները,
թաւալուն
աստղեր,
մօտեցած
մեր
սահմաններուն,
քալելով
սուրբի
գլուխի
մը
պէս
շողարձակ
ու
լուսապսակ,
գիսաւորները`
որոնք
երկինքին
խորութիւնները
կը
քողեն
աներեւոյթ
փեսային
պատրաստելով
աներեւոյթ
հարսը,
ու
տակաւին
օրով
ու
պահով
պայմանաւոր
փոքր
դժբախտութիւնները,
յամառ,
աներես:
Ջերմը`
որ
չի
յօժարիր
լքել
ենթական
ու
շատ-շատ
մինչեւ
բակ
կը
ցածնայ
ու
վեր
կը
նետուի
կրկին,
հոգեկան
աղէտը`
որ
պոռնկութեան,
գողութեան
ու
պղծութեան
ձեւերով
կը
տեղաւորուի
ու
մարդերը
կ՚ընէ
զարնուած
իրենց
կենսաղբիւրին
խորագոյն
ակէն,
կարճ,
-
ամբողջ,
անմեկնելի
տկարութիւնները,
փոքր,
ճճի,
բայց
ցեցի
պէս
կրծող
ձեռք
մը
շարը,
որուն
պէտք
ունի
մեր
հոգին
իբր
սուրբ
բոժոժ,
պաշտպանելու
համար
զինքը
մարմնին
գարշ
հպումէն,
ողջագուրումէն:
Այս
ամէնը
ուրիշներու
վրայով
ու
իր
վրայով
տարին
Սամիկ
Սամունը
ներսերը
խուզարկող
նոր
իր
գիտութեան:
Նայիլ
մարդերուն
ու
կարդալ
անոնց
ճակտին
մէկը
կամ
միւսը
բոլոր
սարդերէն,
որոնք
ճակատագրին
ոստայնէն
ձգուած
են
դէպի
մեր
կաւէ
միսերը,
պիտակել
զանոնք
մեզի
մատչելի
տարազներով
ու
ըսել
ցաւը,
հարուածը,
դէպքը,
որ
կրնայ
խուժել
օրերուն
ծոցէն`
մեր
տկարութեան
վրայ,
աս
ու
ան
պահուն.
գիտութի՞ւն,
գուշակութի՞ւն:
Սամիկ
Սամունը
իր
առանձնութիւնը
գործածէր
պիտի
այս
բաւիղներուն
լուսաւորումին:
Խենթութի՜ւն:
Պատրաստ
է
բառը:
Դրէք
նոյն
գիծին
միւսն
ալ,
սրբութի՜ւն
,
ու
ինչերնո՜ւդ
պէտք,
թէ
ինչպէս
կը
կառուցուին
հեքիաթին
սխրալի
դրուագները:
Ու
ինչերնո՜ւդ
պէտք
գիտնալ
կամ
ստուգել,
թէ
որքա՛ն
է
բաժինը
փոքր
տրտմութիւններուն
մեծ
այն
փառքին
մէջ,
որով
ծիրանաւոր,
ժամանակին
ջուրէն
բեկանուած
ու
այլայլած
մեզի
են
հասեր
դէմքերը
նահատակներուն
ու
ճգնողներուն
ու
աբբաներուն
ու
կին
սուրբերուն:
Տարէք
Սամունը
ետ,
սանկ
քսան
մը
դար,
ու
անոր
անձը
պիտի
տեղաւորուի,
առանց
մեծ
ճիգի,
շքախումբին
մէջը
այն
հերոսներուն,
որոնք
լուսաւորուած
իրենց
կիրքէն,
կամ
հալածուած
իրենց
երազէն,
լքեցին
սովորական
շապիկը,
առօրեայ
կեանքին
ու
դիրք
բռնեցին
օրուան
պղծութեան
ու
օրուան
փառքի
վաճառորդներուն
դիմաց
ու
անցան
գիրի
իբրեւ
մարգարէ
ու
իբրեւ
պատգամ:
Տարին
բաւ
եղաւ,
որպէսզի
անոր
գիտութիւնը
յորդի
գեղէն
դուրս:
Ու
ահա
իր
ինքնատպութիւնը,
-
առանց
բակլայի,
առանց
բուրումի
ու
գաւազա
նի,
առանց
նուսխայի,
աչքերը
միայն
փակելով`
անիկա
կ՚ըսէր
շատ
աւելի
ճիշդ
ու
շատ
աւելի
բան,
քան
գեղերու
միւս
կախարդները,
երկու
սեռէ:
Անիկա
հսկաքայլ
յառաջադիմած
է`
ինչպէս
կ՚ըսուի
ընթացիկ
լեզուով,
մարգարէի
իր
ասպարէզին
մէջ,
օգտուելով
զարմանալի
իր
յիշողութենէն,
որ
զինքը
սպասարկեց
անհուն
հաւատարմութեամբ:
Ու
օգտուած
է
նոյնքան
խոր
իր
ատելութենէն
հանդէպ
երկնաւորին
ու
գաղտնիքին
խաբեբայ
վաճառորդներուն:
Կ՚անիծէր
կախարդները
եզէկիէլեան
սաստկութեամբ,
թուղթ
բացողները
ու
փոշի
բաշխողները,
երբ
անմրցելի
ստուգութեամբ
մը
կը
յայտնէր
գողերը,
գողօնները,
թաքստոցները
իրեն
դիմողներուն:
Կը
պարզէր
աղբիւրը
ցաւերուն,
պուկիէն
զգոյշ,
մարդերու
ընդերքին
ճամբաներէն,
բաժինը
տալով
մեր
ցանկութիւններուն,
մեր
ջիղերուն`
բոլոր
մեզ
զարնող
մեծ
ու
պզտիկ
ախտերուն
մէջ:
Դե՞ղ:
Դարմա՞ն:
-
Խոտ
ու
աղօթք:
Ծոմ
ու
հաղորդ:
Բայց
անիկա
ունէր
հարցնելու
իր
եղանակը,
թեթեւ,
կասկածէ
զերծ,
որ
կը
հասկնար
տարիքները,
գոյնն
ու
հասակները,
թիւերն
ու
նշանները,
ծնունդներն
ու
մահերը,
ասոնց
հասման
ճամբան
ու
այսպէսով
կ՚ապահովէր
ապշեցուցիչ
մթերք
մը
գեղին
առօրեայ
կենցաղէն
յստակ,
իմաստ
մը
պատմող
դրուագներու:
Ասդենականին
սա
չնչին
պատահարները
այս
ձեւով
շահագործելէ
ետքը,
անիկա
ատոնք
պահծու
կը
դնէր
գանկին
ձախ
խորշին,
հաստատ
զետեղումով,
ուզած
րոպէին
զանոնք
լոյսին
հանելու
հեռագէտ
նպատակով:
Ու
քառորդ
դարը
ամբողջ
սեղմուած
է
անոր
ուղեղին
այդ
կէտին,
ճշմարիտ
դիւանագիրքը
գեղին:
Ե՞րբ
կը
սորվէր
-
կը
զարմանային
զինքը
իր
սօսաբնակ
մենութեան
մէջ
գտնողները
-
մեռածները,
ծնածները,
դանակով
ինկածները,
ի՛նք`
որ
տարին
հեղ
մը,
Աւագ
Հինգշաբթի,
կ՚իջնէր
գեղ,
կէսօրուան
պատարագէն
հաղորդուելու,
իր
ափը
դնելու
ժամուն
բակը
վխտացող
փոքրերու
գլխին
ու
դառնալու
ողջ
իր
դագաղին,
Ս.
Ըռըստակէսի
սօսիին
բունին,
սպասելու
համար
հրեշտակները,
որոնք
պաշտօն
ունէին
զինքը
առաջնորդելու
շիտկէ
շիտակ
«Հայր
Աբրահամու
գոգը»
:
-Սողոմենց
Հայրապետին
տղա՞ն
ես
դուն:
Սողոմը
գլխով
հաստատեց
հարցումը,
զարմանա
լո
վ
նոյն
ատեն,
որ
Սամունը
չէր
շփոթեր
զինքը
հօրեղբօրը
տղոցը
հետ,
համատի
ու
համանուն
այն
միւսին,
որ
համետ
կը
շինէր,
«էշերը
հագուեցնելու»
առաքինութեամբը
նշանաւոր,
հասած
մինչեւ
սա
սօսին:
-Աստուած
ողորմի
հոգուն,
ըռինդ
մարդ
էր:
Այս
մարդամօտ
ու
պարզ
շեշտը,
բառերն
ի
վեր
հետզհետէ
մեղմացող,
կը
քաղցրանար
անակնկալ
գորովէ
մը,
սուրբերուն
հագցուած
այն
փայլակնացայտ,
տեղին
համեմատ
բարկաճայթ,
ուրիշ
ատեն
ալ
վարդապետօրէն
բարձրաթռիչ
ու
անիմանալի
լեզուէն
հեռու
ըլլալով:
Համ
կար
անոր
հետ
խօսելուն
մէջ:
-Կը
ճանչնա՞ս:
-Տիրացու
էր,
տղ
ա՛
ս,
քեզի
պէս:
Սողոմենց
տղան
տեսաւ
իր
հայրը,
ջորին
դարմանած
ու
երկաթ
սանտրով
մաքրած
ատեն,
մռլտուն
ձայնով
մը
բակը
ողողելով:
Սամո՛ւնը,
գեղացի՜:
Ոչ
իսկ
չուխային
կարկտնուած
թեւովը
գեղին
միջին
տարազէն
տարբերող:
Մատը,
յօդուածներուն
տեղը
գունտոտ,
միշտ
ձախ
սպիին
վ
րա
յ:
-Մրջոմին
վրայ
ոտք
չկոխեց:
Գոցեր
էր
աչքերը:
Ինչո՛ւ:
Այս
փակ
կոպերը
ի՞նչ
հրաշքով
փոխեցին
պատկերը:
Անոր
դէմքը
վերածուած
էր
անլուր
բանի
մը,
աղօտ,
գրեթէ
մեռելի,
դրամի
մեծութեամբ
կարմրաւուն
խայտերով,
բայց
միւս
կտաւին
վրայ
խնկագոյն
դեղնութեամբ:
Միսը
տրուած
ըլ
լար
հալելու:
Անոր
մատը
անցած
էր
աջ
սպիին:
Հեքիաթը
ու
տէրտէրին
ճշմարտահաւատ
գիտութիւնը
այդ
սպիները
կը
դաւանէին
վաւերական
մնացորդները
եղջիւրներուն,
որոնք
ժամու
պատին,
Մովսէսին
ու
Դաւիթին
նկարներէն,
իբր
մարգարէութեան
զինանշաններ,
կը
փայլէին
այնքան
յստակ:
Մա
ս
ունէր
անշուշտ
այս
հաւատքին
մէջ
Սամուէլին
եղջիւրը,
որմէ
հոսող
իւղը
դաշտի
իշարածը
կը
վերածէր
արքայի:
Իրողութիւնը
ուրիշ
էր
սակայն:
Այդ
սպիները
հետքերն
էին
զոյգ
մը
գունտերու,
որոնք
ընկոյզ
էին
կապած
անոր
ճակտին
երկու
քովերէն:
Ծնունդին
ատեն
պարզ
կոճակներ,
անոն
ք
պատանութեան
շրջանին
խոշորցեր
էին
ու
սուր
կոնիկներ
դրած
անոր
գանկին:
Կ՚աճէին,
կը
նիհարնային
ու
կապ
ունէին
անոր
ուղեղին
տակ
շրջան
առնող
յուզումներուն
հետ:
Մարդիկ
չէին
դիտած
անոնց
ծաւալը,
երբ
Սամունը
խղդեց
աղբարը
ու
այրեց
իր
տունը:
Յիմարանոցէն
դարձին,
անոնք
սմքած
էին,
պառաւի
ստինքին
պտուկներուն
նման:
Ոչ
ոք
գիտէր,
թէ
տարի
մը
ետքը
անոնք
ինչո՛ւ
փոխուեցան
ու
գտան
ծաւալը
մայրիի
կոնիկներուն:
Կնիկ
մը,
որուն
աղջիկը
էրկանը
տունէն
ետ
էր
ղրկըւած
«սուտ
զրոյցներու»
վրայ
հարկաւ,
եւ
որ
շաբաթը
հեղ
մը
սեղանին
կը
տանէր
«ղարիպ»
Սամունը
ու
կարդալ
կու
տար
աղջկանը
վրայ,
դեղ
ըրաւ
գլխուն
ու
մոխիրով
մայր
ու
աղջիկ
ժամերով
շփեցին
արմատները
այդ
կոնիկներուն:
Յետոյ`
մոմած
առասանով,
կատու
մը
կռտելու
նման,
փրցուցին
գունտերը:
Արիւն
իսկ
չէր
բխած:
Սամունը
խենթեցաւ:
Ու
փախաւ
սօսին:
Ոչ
ոք
գիտէր
նոր
հարսին
բաժինը
սա
յիմարացման
մէջ,
ոչ
իսկ
մայրը:
Խօսեցան
փրթած
գունտերէն
ու
մոռցան
մարդիկ:
Հետքերը
սեւցան:
Աւելի
դիւրին
էր
երեւոյթը
կապել
մարգարէութեան:
Այսպէս
է,
որ
չեղած
իր
կոտոշներուն
շնորհիւ
Սամիկ
Սամունը
ոտք
դրաւ
սրբութեան
գաւիթը:
Տարիքը,
ամիսներով
առանձնացումը,
վայրի
խոտերով
ու
չոր
պտուղներով
իր
սննդառութիւնը,
խոկումի
իսկական
իր
վիճակները
-
ժամերով
երկննալ
սօսիին
շուքին
ու
ներսի
աշխարհին
ալեծուփ
արձակութեանց
վրայ
հեշտագին
լողալը
-,
մարմինին
հարկադրուած
հզօր,
ու
հին
սուրբերուն
վայել
խոշտանգումները
լրացուցին
հեքիաթը:
Երկինքը
կրկին
բացուեցաւ
-
ասիկա
դուրսէն
դիտողներուն
համար
էր
-
անոր
արդէն
հոն
սուզուած
մարմինին:
Հրաշագործութի՞ւն:
Չէ
կարելի
տէրտէրին
պղտոր
վկայութիւններէն
զատել
նման
կարողութիւն
մը,
որ
մեր
օրերուն
յաճախադէպ
է
կարգ
մը
մարդոց
ալ
վրայ:
Աչքին,
անիրաւ
տեղը
կասկածի
ձգուած
ձգողութեան,
մագնիսականութեան,
ֆաքիրութեան
երեւոյթները
նոր
չեն
Արեւելքի
մէջ:
Ինծի
տրուած
է
հանդիսատես
ըլլալ
հսկայ
աճպարարութիւններու,
մեր
զգայարանքներուն
վրայ
դուրսէն
հարկադրուած
հզօր
այլայլանքներու,
որպէսզի
սուտի
լուծոյթով
մը
չհերքեմ
դիւրաւ
Սամունին
վերագրուած
գերբնական
«նշանները»:
Տէրտէրը
կը
հաւատար,
թէ
աչքը
գոց
կը
տեսնէր:
Ու
մարդոց
միտքինը`
ինչպէս
քսակին
դրամին
հատն
ու
արժէքը,
տեսակներովը,
անսխալ
կը
կարդար:
Ու
ասիկա
գիտէին
բոլորը:
-Լուսահոգի՜ն:
Ո՞վ
կրնար
ըլլալ:
Գաղափարներու
զու
գո
րդութեամբ
Սողոմենց
Հայրապետը,
անշուշտ:
-Նեղն
էր
վերը:
-Ո՞վ:
-Պապադ,
զաւա՛կս.
նեղն
է
երկինքը:
-Կը
տեսնա՞ս:
Նայեցաւ
տղուն:
Պուտ
մը
բան
աչք
ըսուած
բանը,
ուռած
կոպերուն
խորը,
բայց
տարօրէն
հատու:
Ու
չեղաւ
անիկա
արհամարհոտ,
ինչպէս
սովոր
էին
նայիլ
վարի
կախարդնե
րը
իրենց
գիտութիւնը
կասկածի
տակ
ձգողներուն:
Բայց
այդ
նայուածքին
ուժը
հոն
էր,
որ
հով
մը
կը
բերէր
նստողին
շուրջը,
հեռացնող
ու
զատող:
Մարդ
կը
զգար
ինքզինքը
բռնուած,
թեթեւցուած
ուրիշ
բանէ
մը
ու
կ՚ըլլար
աւելի
վստահ,
աւելի
մօտ
ան
միւս
ուրիշին,
մեր
ամէնուն
մէջ,
մ
եր
արիւնին
խառնուած
կազայնութեան
-
դուք
դրէք
անուն
-
երկայնութեան:
Նալպանտենց
տունը,
ու
անոր
ոճրադատում
խորհրդանիշը,
պառաւն
ու
Աղուորը
չքացած
էին
Սողոմին
միտքէն,
ինչպէս
բոցի
դէմ
բռնուած
մոմէ
արձանիկներ:
Նոյն
ատեն
անիկա
բաւականէն
աւելի
տիրացու
էր
եղած,
այսինքն`
երկինքի
կոչնակը
զարնող
միամիտ
ուխտաւորը,
երկինքէն
այդպէս
դիւրութեամբ
հրաժարիլ
կարենալու
համար:
Հաւատքը
խմոր
է,
ինչպէս
կ՚ըսէ
գիրքը,
պատկերը
գործածելով,
փոխարինելով
երկնքի
արքայութեան:
Անով
ձեւ
ու
կաղապար
կը
հագնի
մեր
հոգին:
Մարդոց
ստուարագոյն
մասին
մէջ
այդ
կաղապարը
կը
մնայ
անաղարտ:
Մեղքը
անոր
կիսուածը,
վայելչութիւնը,
զաղփաղփուն
կորութիւնները
կը
շեշտէ
պահանջ
մըն
է
կարծես:
Որքան
վէճ,
որքան
խռովք,
Սողոմին
ու
ընկերներուն
մէջ,
երբ
աշնան
մուտքերուն,
կրակը
վառած
կիսաբողբոջ
կալերուն
մէջ,
կը
տաքնային
բոցերես,
ու
կը
խօսէին
սուրբերէն
ու
անդենականէն:
Ու
մաքուր
կաւ
էր
անոնց
խմորը,
դեռ
կնոջ
մը
խմորէն
չքացխած:
Անոնք
կը
շինէին
Աստուծոյ
աթոռը
ընտրելագոյն
ընկուզենիէն,
ու
լիճին
փրփուրէն`
թեւերը`
«նշխարքէ
ու
լուսէ
միսերով»
հրեշտակներուն:
Տղա՜յ:
Հարկա՛ւ:
Ամբողջ
արքայութիւնը
կը
փռէին
կամարէ
կամար,
լման
երկինքը
վրանելու
չափ,
ու
կը
փռէին
իբրեւ
սքանչելի
պարտէզ
մը
ձիթենիի,
նման
միւսներուն,
վարը,
բլուրներու
երեսէն
դէպի
լիճ
խոնարհող
ու
անհասօրէն
գեղեցիկ:
Ու
սուրբերը,
մարգարէները
կը
հագուեցնէին
անոնք
տարազովը
գեղին
հովիւներուն:
Ու
ձկնորսներ
էին
առաքեալները,
լիճի
ափին,
նման
Տոպիճին
ու
Կուր-Օվնէսին:
-Դուն
կը
տեսնե՞ս
երկինքը:
Քաղցր
իր
շրթներովը
-
մարդիկ
մինակ
աչքով
չեն
նայիր,
կը
հային
աւելի
շատ
դէմքով
-
Սամիկ
Սամունը
պատասխանի
տեղ,
ցուցուց
շրջագիծ
բնանկարը,
որ
անոր
անձին
հեղումէն
փոխուեցաւ
կ
արծես:
Սողոմին
եկած
ճամբան
դեղնաւուն
բան
մըն
էր
ինկած
մաքուր
կանանչի
մը
հասակին,
տեսակ
մը
խաղ,
որ
կը
բանար
լերան
գանկը
երկու
թափի:
Ի՜նչ
ընդարձակութիւն,
ի՜նչ
առատութիւն,
չափի
ու
սահմանի
ի՜նչ
պակաս`
սա
ամէնուն
մէջ,
որ
վերն
էր
անոնց,
վարը,
շուրջը:
Ու
միջոցը`
որ
կը
կորանար
ատոնց
վրայ
լուսահեղ
քաղցրութեան
ի՜նչ
արքայութիւն:
Կարծես
ըլլար
անիկա
փէշը
Ամենակալին,
որ
կը
խոնարհէր
դէպի
համբոյր,
պաշտպանութիւնը
փայտին
ու
քարին,
խոտին
ու
մարդուն:
Երբեք
լեռները
այդքան
խոշոր,
խորունկ,
բայց
հասկնալի,
պիտանի
ու
մարդկօրէն
մօտ
իր
արիւնին
չէր
տեսած
անիկա:
Ձգած
ըլլային
այդ
սեւմռութ
հսկաները
իրենց
կողերուն
վրայ
գար
ի
գար
ու
չար
ի
չար
հեղերը
արեան
ճապաղիքին,
ամբողջ
քրտինքն
ու
տաժանքը,
որ
փայտուորներունն
են
պատառ
մը
հացի
սիրոյն:
Ու
ըլլային
անհաս
կտաւի
մը
վրայ
դիւթօրէն
նետուած
վայելչու
թիւններ:
-Աս
ամէ՜նը,
տղա՛ս,
խոտի
թել
պիլէ
չեն:
Սողոմը
չէր
հասնկար
անշուշտ
ընդարձակութիւնը
Սամունին
մտածումին:
Ի՜նչ
ալ
պէտք
ատոր:
Մեր
ամէնէն
քաղցր
վայելքները
միշտ
ուղեղէն
չէ,
որ
կու
գան:
Սփոփանքը,
յոյսը
մեր
սրտի
թաղարին
է,
որ
կ՚աճին
ու
անոնք
մեր
ամէնօրեայ
մ
ահ
ը
քիչ
մը
խունկով,
քիչ
շղարշով
լաւ
է
որ
հագուեցնեն:
Չընդմիջեց,
որոշած
էր,
առանց
աչքի
այդ
դիմակէն
փրթող
ու
փրթելիք
բառերը,
որոնք
նպատակ
ունէին
բացատրելու
երկու
աշխարհներուն
ու
հին,
բայց
անհաս
աղերսը,
մէկուն
անհամեմատ
մեծութիւնը,
լայնքը
ու
միւսին
աւազահատիկ
ի
խեղճութիւնը:
Մարդ
լեռներուն
վրայ
միայն
կը
գտնէ
այս
պատկերները
ու
կեանքը,
աշխարհները
դատելու
սա
յանդգնութիւնը:
Մեծ,
լայն,
շա՜տ:
Բայց
Աստըծոյ
հրաշքը
հո՛ն
էր,
որ
այդ
երկուքը,
վերն
ու
վարը
իրար
չէին
հերքեր:
Ու
ահա
աւելի՛ն:
Թէ`
ասդենականին
աւազէ
կնիքը
կար
ու
կ՚իշխէր
անդենական
անպարագիծ
զանգւածին
ալ
վրայ:
Կը
խօսէր
հանդարտ,
հատիկ-հատիկ,
աշխարհն
ու
իր
մեղքերը
նկատելով
հարազատ,
ու
փոխադրելով
մերը
անոնց:
-Չի
բաւեր
հոգին
յանձնելը:
Սողոմը
պատրաստուեցաւ
դասական
ընդլայնումին,
որով
քահանան
կամ
փորձառու
ու
բանգէտ
մարդերը
ս
ովոր
էին
պատկերել
հոգեվարքը,
իբր
վճարօր:
Աստուծմէ
աւանդ
առնուած
այս
մասը,
այդ
շունչը,
«անարատ»,
«ձիւնի
պէս
ճերմակ»
պարտաւոր
ենք
դարձնելու:
Չէ՞
որ
անկէ
զիջած
մեր
միսերուն
աղբեւին,
այդ
աւանդը
կտորն
էր
Աստուծոյ:
-Չի
բաւեր
հոգին
յանձնելը:
Կրկնողը
վերցուց
շեշտ
ը:
Անոր
ճակտին
ձախ
սպին
մութ
փայլ
մը
փախցուց:
Ցոլք
մը,
կոտրուած
գանկին,
ըսես
կառչեր
էր
հոն
ու
կը
յամառէր
վառիլ
այդ
ստուերին
մէջ:
-Ինչո՞ւ:
-Ինչու
որ
բարակ
է
մեղքը:
Կեցաւ
անիկա:
Շո՞ւնչ
կ՚առնէր,
թէ
պատկերին
թելը
կը
ջանար
չկոտրել:
Շատ
մտածելու
վարժուած
մարդեր
ան
ճարակ
են
այդ
թելը
կարժառին
փաթթելու
ատեն:
-Բարա՞կ,
սարդին
թելէն
ու
մեղուին
կէծէն:
Կ՚արժէր
նայիլ
երեսներուն,
որոնք
բամպակի
համ,
ձիւնի
կշիռ
ունէին:
Մէկը
ըսես
առած
ըլլար
տեսակարար
ծանրութիւնը
իր
միսերուն
ու
թողած
միայն
կաշին,
զոր
կը
լեցնէր
մօտ,
զգալի
երկնայն
ու
թիւն
մը:
Այս
մարդը
երկինք
գացա՞ծ
էր,
որ
իր
բառերը
այսքան
վստահութիւն
կը
բուսցնէին:
Անոր
յօնքերը
շարժումի
ելան,
չեղած
աչքերուն
ճնշումէ՞ն,
թէ
ներքին
հուրքէ
մը:
-Ու
շատ
ալ
երկար…
-Ի՞նչը:
-Երկար
անչա՛փ,
որ
կը
հասնի
մինչեւ
երկինք:
Սողոմը
հազիւ
կապեց
երկու
նա
խադասութիւնները
իրարու:
Մեղքին
թելն
էր
ատ
մինչեւ
երկինք
բարձրացող
աղտոտ
բանը,
որ
մեր
միսերուն
մէջը
որդի,
պլոզ
մը
թուքի,
թարախի
ու
աղբի
պատկերով
է
տեղաւորուած,
ու
սողալ
միայն
գիտէ
մեր
կիրքերուն
բաւիղներուն
ծոցը:
-Ինչե՜ր
կ՚ըսես,
Սամուն
պապօ:
-Ու
կը
պլլէ
մե
ր
հոգին:
-Ի՜նչ
գործ
ունի
մեղքը
ատ
վերերը:
-Ատ
քու
գիտցածդ:
Տրտում,
արգահատող
ու
մարդկեղէն
էին
բառերը:
Սողոմը
վարժուեցաւ
ձայնաստիճանի
այս
փոփոխումին:
Մերիններուն
մարզէն
երբ
կը
խօսէր,
անիկա
կ՚ըլլար
գրեթէ
մարդ:
Վերիններէն
պատմած
ատենը
նոյն
այդ
ձայնը
լոյսը
կ՚առնէր
ատ
աշխարհին
ու
կը
թափանցկանար:
-Իմ
ալ
ուրիշ
է
գիտցածս:
Բացաւ
աչքերը:
Բարի,
ժպտուն,
լուսաւոր:
Կարծես
Սողոմին
այնքան
սրտեռանդ,
սարսուռով
երգած
«եօթնարփեան»
խորանէն
աշտանակն
էր,
որ
կ՚այրէր
անոնց
խորը:
-Տղոցը
մեղքը
մինչեւ
պապերը,
տէտէներուն
տէտէները
կ՚եր
կն
նայ:
Ինչո՞ւ
լռեց
յանկարծակի:
Յետոյ
շոյելով
մորուքը
շատ
մեղմ`
-Իմին
ալ
աս
է
գիտցածս:
-Ո՞ր
մեղքը:
-Մե՜ղքը:
Ես
կը
վախնամ
քու
ձայնէդ:
-Ինչո՞ւ:
-Դուն
գիտես
անիկա:
-Ի՞նչը:
-Մե՜ղքը:
Սողոմենց
Սողոմին
մէջքին`
դանակը
շարժեցաւ
ինքնիրեն
ու
դպաւ
անոր
միսերուն:
Անիկ
ա
զգալ
իսկ
կարծեց
պատենքի
ծայրի
գունտէն
կաթ
մը,
զարկ
մը
ջերմ
բան`
դէպի
աճուկը:
Ինչպէ՜ս
կը
հաւատար
կապին,
որով
կը
միանային
Սամունին
բառերը
եւ
զիստին
կիրճին
մէջ
այդ
կաթիլին
խորհրդաւոր
լեզուն:
-Ինչո՞ւ
եկար
հոս:
Կապը
կը
խստանար:
Մարգարէ՞:
Ի՜նչ
փոյթ:
-
Նալպանտե
նց
հարսին
ու
իր
մեղքը
ինկած
էին,
ըլլալու
էին
փողոց:
Բայց
անիկա
տերեւի
պէս
կը
դողար
ուրիշ
մտածումէ
մը:
Մարգարէ,
այսինքն
ա՛ն`
որ
գալիքը
կը
տեսնէ:
Ու
կը
տեսնէր
սա
ծերունին
ինչ
որ
անոր
ուղեղին
խորը
լաւ
մը
սաղմ
էր
առած,
ամբողջ
իր
ոստայնովը
ու
գրեթէ
պատրաստ
լոյս
ին
թափելու:
Անպատասխան
չձգելու
համար
վտանգաւոր
հարցումը`
Սողոմենց
տղան
հեռացուց
ծերունին
ու
իբր
ջերմ
խնդիր
նետեց
իր
բերնէն.
-Տղոցը
վա՞րձքը
:
-Ան
ալ
բարակ
է,
տղա՛ս.
մինակ
փտուկ
է
թելը,
ոտքով
ալ
քիչ
մը
կաղ:
Չհասկցող
երիտասարդը
կը
շատնար
իր
վախին
մեջ:
Խորհուր
դի
ու
սրբութեան
պարունակէն
սա
բարբառը
կը
նեղէր
զինքը:
Կը
նեղուէր
մա՛նաւանդ
մտքի
ոճիրին
հաշուոյն:
Լուսաբանութիւն
ուզե՞լ:
-
Բայց
ատիկա
քակելն
էր
կէս
գոց
վէրք
մը:
Զղջաց
չարաչար:
Տհաճութեան
այս
զգայութիւնը
անոր
դարձուց
փուշոտ
ու
դէգ
իր
պաղութիւնը:
Ոտքերը
ըրին
շարժում
մը
դէպի
ետ:
-Ո՞ւր:
-Գեղ:
-Վեր
եկուր,
տղա՛ս,
Սամունին
մօտ
սիրտերը
հով
կ՚առնեն
կրակին
մէջ
պիլէ:
Տեսաւ,
որ
աղբիւրին
առջեւն
էր
ինքը:
Խօսակցութիւնը
քալեր
էր
դուրս
Սամունին
կայանէն:
Անասելի
հետաքրքրութիւն
մը
եւ
յստակ
վախ
մը
կը
լեցնէին
Սողոմենց
տղան:
«Աստ
ու
ած
տեսնող»
աչքերուն,
սատանաները
որսի
շունի
պէս
իր
սօսիին
բունին
կապող
սա
ձեռքերուն
զօրաւոր
հմայքէն
հեղ
մըն
ալ
գրաւուեցաւ
անոր
հոգին:
Աչքը
ինկաւ
հսկայական
խոռոչին,
տախտակներով
կափուցուած
անոր
փապերուն,
ու
միտքը`
անոնց
առջին
ձիւնին
վրայ
տոտոզ
ընելու
ստիպուած
սատանաներո՜ւն,
որոնք
գայլերէն
կը
պաշտպանէին
Աստուծոյ
մարդը:
Սամունը
ցոյց
տուաւ
անոր
ելքին
կէտը:
Դափնիի
մը
թեւը
կը
փակէր
մուտքը:
Նստաւ
քարին:
Ելաւ
տղան:
Կաղնիի
կոճ
մը
դասական
նստարանն
էր
այցելուներուն:
-Նստէ՛:
Հրամայող,
մեղմ`
բայց
անդիմադրելի:
Նստան:
-Եօթն
հ
եղ
բարով
եկար,
տղա՛ս:
Ի՞նչ
էր
փոխուած
այդ
ձայնէն,
հիմա
բոլորովին
նոր:
Անիկա
չէր
խորհեր
իր
իսկ
յուզումին,
որ
կ՚ընէր
զինքը
այնքան
լարուած,
ընկալուչ:
Երբ
մենք
կը
մտնենք
զգայական
այս
ոլորտին
մէջ,
մեզ
չճանչնալու
չափ
նոր
կը
տպաւորենք
ու
կը
տպաւորուինք:
Սամունը
կարծես
խօսէր
ուրիշի,
երկինքէն
իջած
իր
հօրը
կամ
ուրուականի
մը,
կամ
հրեշտակ-սատանայի,
ո՜վ
գիտէ,
այնքա՛ն
դուրս
կը
թուէր
անիկա
այս
աշխարհէն:
Ձայնէն
յետոյ
ուրիշ
այլայլում
մը
չվրիպեցաւ
Սողոմին
զգայարանքներէն:
Բան
մը
կար,
որ
թեթեւ
կ՚ընէր
այդ
հսկայ
մարմինը,
մանուկի
մը
գիրկ
մը
միսին
չափ
թեթեւ,
շփոթուելու
աստիճան
տեսիլքներու
ծանրութեան
հետ:
Ո՞վ
բացաւ
անոր
մտքին
դէմ
գետափին
ոսկի
ամայութիւնները,
խարակները,
որոնց
ոսկի
լերկութիւնը
կը
հսկէր
գոնջ
արմաւենին
ու
աւազին
վրայ
ջուրէն
ելլող
ու
չոփ-չոր
պատկերը
հրեշտակներուն,
ղրկո
ւած
գոհացնելու
կարիքները
անապատականներուն:
Իր
տղու
ընթերցումներուն
մէջ
զինքը
խորապէս
մտահոգող
հարցը
ոգիներո՜ւն:
Ո՞ւր
կը
դնէին
ասոնք
բեռը
իրենց
մարմիններուն,
երբ
արմաւենիի
ճիւղի
մը
վրայ
կը
նաւէին
հսկայ
գետն
իր
վար
կամ
կամ
վեր:
Կա՞ր,
չկա՞ր
Սամունին
մարմինը:
Տեսի՞լք,
որմէ
առնուած
ըլլան
սարսափին
գամերն
ու
փուշերը:
Բայց
այս
պղտորումը
չտեւեց:
Քաղցր
ճռուողիւն
մը
սօսիին
մէջէն,
բազմահագագ,
ամբողջ
բանակ
մը
ճնճղուկի:
Ջուրը`
որուն
ակէն
մշտամրմունջ
երգ
մը
-
ալելու
մը
պիտի
ըսէր
բանաստեղծ
մը
-
ու
պտուղի
կեղեւներ
առարկայացո
ւց
ին
շրջապատը:
Սամիկ
Սամունը
վերադարձաւ
մարդկեղէն
իր
պատկերին:
Ծերունի՞:
-Վավերակա՛ն:
Դեղի
համար
անգամ
հատիկ
մը
սեւ
թել
կարելի
չէր
ճարել
անոր
մօրուքէն
ու
յօնքերէն,
գզուած
բամպակի
պէս
կակուղ
ու
ճերմակ:
Մինակ
այդ
երանգին
ընդմէջէն
անոր
մէջ
կը
խօսէր
մարդ
տարր
ը,
որուն
այնքան
հանդիպումը
կ՚ընէր
տիրացու
Սողոմը,
տաղաւարներուն,
երբ
եկեղեցին
օրերով
չի
փակուիր
մեղաւորներուն
առջեւ
ու
կ՚ընդունի
ծերունիներուն
լռիկ
լացը,
երբեմն
թրջելու
չափ
առատ
իրենց
մօրուքները:
Կը
լեցնէր
ձէթը
կանթեղներուն
ու
կը
բանար
միտքը,
սա
եղկելի
արա
րածներուն:
Ինչո՞ւ
կու
լային:
…Տժգոյն
ու
ճաղատ
գանկը
ոչինչ
ունէր
արտակարգ,
բացի
կիսամահիկ
երկու
սեւութիւններէ,
որոնց
իմաստը
ծանօթ
է
մեզի:
Մարգարէ՞:
Փաստ
էր
հարկաւոր:
Հիմա
դիտեց,
որ
անոր
խօսած
պահուն
բերնին
հետ
շարժումի
կը
մտնէին
ծնօտներն
ալ,
ու
ասոնց
ետեւէն`
երեսներուն
բոլոր
ակօսները,
մեծն
ալ,
պզտիկն
ալ,
լայն,
յստակ,
բազմափոթ
կերպասի
մը
նման,
զոր
տեւական
անձրեւներ
ըլլան
ծեծած
ու
առած
արիւնը
իր
նեարդներուն:
Քիչ
եղան
բառերը,
այդ
կոճին
վրայ,
բայց
տարօրէն
անուշ:
Ու
ձայնին
ճամբովն
էր,
որ
նորէն
դաշն,
հատած
այդ
ամ
բողջութենէն
դուրս
կու
գար
իսկապէս
անդենական
համ
մը,
ճգնունութեան
ու
պահեցողական
մարզանքներու
արդիւնք,
որոնք
մեր
մարմինին
ամբողջ
աւելորդը,
անասնականը
կը
շոգիացնեն
ու
մեզի
կը
ձգեն
մեր
մորթը,
կտաւ
ու
պատենք`
հոգեկան
ճամբու
իբր
առագաստ:
Այս
հանգիտութիւնը
այնքան
զօրաւոր
էր,
երկրորդ
անգամ
ըլլալով,
Սողոմին
մտքին
մէջ
Սամունին
պատկերը
կ՚երթար
կապուիլ
միւսներուն:
Յայսմաւուրքի
հին
սուրբերն
ալ
ունենալու
էին
Սամիկ
Սամունին
սա
ուռած
ստորակոպերը,
սեւի
հակած,
բայց
կոպտօրէն
թափանցիկ,
որոնք
կը
պրկէին
սանտրը
անոր
թարթիչներո
ւն,
խղդելու,
փոքրելու
համար
ներսի
գոյնզգոյն
ոսպնեակը,
որպէսզի
անոնց
տէրը
տեսնէ
քիչ
աշխարհքինը
ու
առնէ
շատ
երկինքինները:
Ու
անոր
հասակը,
ոչ
ալ
մարմինին
միւս
հիմերը
ազդուած
չէին
տարիքէն
ու
ահաւոր
սա
ճգնումէն:
Վանք
մը
չէր
վերջապէս,
լերան
մը
կուշտին
սա
խոշոր
սօսեսենեակը:
Ոչ
իսկ
ստուերաձեւ
մը
կամարումի:
Դժուար
էր
որոշ
տարիք
ալ
հագցնել
այդ
տարազին:
Ստոյգը
ան
էր,
որ
լեռ
կար
մէջտեղը
սա
պատկերին
ու
միւս
ընթացիկ
կաղապարին,
որ
վարը,
ժամբակի
արիշին
տակ
ծերերը
կ՚ընծայէ,
հագուստ
ու
կապուստը
իրարու
նման,
ու
հոտած,
ճպռած
ալ
մասնաւորաբար
իրենց
աչքերէն,
երբ
իրենց
ցաւերը,
բեռ
ըլլալը,
անգօսնուիլը,
ոտքի
կոխան
ըլլալը
կը
պատմեն
ու
կ՚ողբան,
նկուն,
յուսահատ,
հայհոյող
ու
դժոխագիր:
Խարխո՜ւլ
այդ
«ձեռագործները»
երկնային
արուեստագէտին,
օր
մը
եղած
աշխարհ
մը
ընդգրկելու
չափ
գեղով
ու
զօրութեամբ,
երիտասա՜րդ,
որ
թեւերը
կը
բանար
ու
լեռն
ու
ծովը
չափել
կը
փորձէր:
Այսօ՜ր…
-Գործի՞
է
նորէն
Նեռը
:
Նեռը
ապերախտ
քահանան
էր,
որ
կը
պղծէր
ամբարիշտ
ոտքերովը
Ամենակալին
տունը
ու
կը
ծախէր
իր
ազգը,
հաւատքը,
զաւկըները
իր
կիրքերուն:
Հասած
էր
ուրեմն
սա
թաքստոցին`
անդոհը
խուզարկութեանց:
Սողոմը
չէր
գիտեր,
թէ
ոստիկան
ներ
փնտռած
էին
պոմպա
սօսիին
խանութին
մէջ,
ղրկուած
հաւանօրէն
քահանային
կողմէ,
զոր
նախատեր
էր
անիկա,
Աւագ
Հինգշաբթիի
անոր
պատարագը
անուանելով
«անընդունելի»,
թքնելով
ու
սպառնալով
անոր
պիղծ
ձեռքերուն,
ու
սոսկական
ուրիշ
քահանայէ
մը
ընդունելով
հաղորդը:
-Անորն
է
դա
րը:
-Դարը
Աստուծոյ
է,
զաւա՛կս:
Այնքան
խաղաղ
ու
վստահ
էին
անոր
բառերը,
որ
երկնային
ապահովութիւն
մը,
արձակութւն
մը
ծաւալեցաւ
անոնց
շուրջը:
Ուրիշ
կերպ
չէին
խօսած
հաւանաբար
մեր
պատմութեան
մեծ
հայրապետները,
երբ
իրենց
ժողովուրդին
կործանումին
մէջ
կանգուն
կը
բռնէի
ն
ողջերուն
հոգիին
առջեւ
դրօշը
յոյսին,
ինքնսփոփ
հաւատքին:
-Անոր
կանգունը
չի
նմանիր
մօրդ
կանգունին:
Տարիներ
խօսքէ
հեռու
մնացած
այդ
բերանին
մէջ
ամէն
մէկ
նախադասութիւն
շինուած,
բայց
դանդաղ
կու
գար
դուրս:
Կարծես
բառերը
կը
զգային
ծանրութիւնը
յուզումին
ու
իմաստին,
որով
բեռնաւորուած
էին,
երբ
կը
փրթէին
ուղեղին
ծագերէն
կամ
սրտին
անդունդներէն:
Ու
այդ
բառերը
ծանր-ծանր
կը
նստէին
լսողին
վրայ
ու
չէին
փշրուեր`
ինչպէս
կ՚ըլլայ
մեր
տպաւորութիւնը
թեթեւսոլիկ
ու
շատ
խօսողի
մը
դիմաց:
Այդ
բառերով
էր,
որ
ծերունին
նկարեց
պատկերը
ամբ
արիշտին,
որ
իրը
կը
կարծէ
բացի
իր
տունէն,
դրացիինը,
ու
պարտէզէն`
արտերը
ուրիշներուն,
բայց,
երբ
կու
գայ
պահը,
կը
համակերպի,
աշխարհքին
փոխան,
կանգուն
մը
փոսին:
Ու
անիկա
չմնաց
այդ
փոքրութեան
վրայ:
Տարածեց
նմանութիւնը
դէպի
պողոտաները,
որ
փողամբարձ
կը
վարգեն
անասնութիւնները
ու
անաստուածութիւնները
ազգերուն:
Քանի՛
կը
խօսէր,
Սողոմին
համար
ա՛յնքան
պարզ
ու
դիւր
կը
դառնային
մութ,
դժուար
հարցերը,
որոնցմէ
այցուած
էին
անոր
ցերեկները
բանտի
նկուղին
մէջ,
չհասկնալով
վերի
Աստուածին
կամքը
սա
անօրէնութեանց
մէջ:
Այո՜:
Ազգերը
չունէ
ին
տարբեր
պատկեր,
քան
սովորական
ամբարիշտինը
անոր
նիզակին
ներքեւ:
Ա՞ն
էր
ուրեմն,
որ
կը
վարէր
դժոխային
բռնութեան
անուաշարքը,
որուն
ժանիքներուն
մէջ
գզուելու
ձգուած
էր
մեր
մարմինը
եւ
որուն
եղերական
ճռինչին
ընդմէջէն
մեր
հոգին
ամէն
օր
կ՚աղցուէր
ու
իբր
փոշի
կը
տրուէր
չորս
հովերուն:
Ու
հարցուց
հսկայ
իր
տարակոյսը
Սողոմենց
տղան,
նման
մէկու
մը,
որուն
կողին
դեռ
կը
մնար
մխուած
թշնամի
սուրը:
-Անորն
է
կամքը,
զաւա՛կս:
Ցաւ
ու
գորով,
անկարող
բողոք
իրար
կը
լրացնէին
Սամունին
բերնէն
ինչ
որ
մեր
պատմութեան
բոլոր
դարերը
չեն
դադրած
ար
ձանագրելէ:
Անոր
ձերքը,
հայրապետի
մը
շարժումով
մատի
վերածուած,
ցոյց
կու
տար
տղուն,
վերի
կապոյտը,
ու
մտովի`
անոր
ամենագէտ
գահակլը,
Լուսաւորչին
ու
Վարդանին
Աստւածը:
-Ու
մե՛րն
է
մեղքը:
Մարդ
դժուար
կը
հաւատար
սրբազան
բերանէն
այսքան
իրաւ,
կենդանի
սա
գարշութեան:
Մեղքէն
անցնող
մը
միայն
պիտի
գտնէր
նման
տարազ
մը,
մեր
հոգիի
աղբին:
-Ո՞րն
է
մեղքը:
-Քու՛կդ
ու
իմը:
Մեր
բոլորի՛նը:
Ելաւ
նստած
տեղէն:
Աղբիւրը,
անյայտ
ջերմութիւն
մը,
հրաշքի
հեղանիւթ
մը
գոլի
մը
պէս
կը
թրթռային
անոր
շարժումներէն
ու
կ՚ընէին
բաբախում
մը`
ամբողջ
զ
առ
ամութիւն
ու
կոտրտուք
այդ
երեւոյթը:
Ու
կը
հոսէր
այս
կրքոտ
խաղաղութիւնը,
ինչպէս
անսպառ
վառարանէ
մը:
-Վա՜յը
անոր,
որ
մեղքէն
դուրս
գիտէ
ինքզինքը:
Խորունկ
մղում
մը,
որուն
հեռակէտը
անյայտ
է
իրեն`
շեղեցուց
զինքը
հասարակաց
լարէն:
Մե՜ղքը:
Ու
անոր
սիրտին
մէջ
հուժկո
ւ
զարկ
մը
թօթուեց
ամբողջ
իրանը:
Նման
հարուած
անիկա
ունեցեր
էր
ախոռին
մէջ,
երբ
աղբօրը
դիակը
դրեր
էր
փայտերուն,
քարիւղով
բռնկեցնելէ
առաջ:
Մե՜ղքը:
Երեսուն
տարի
է,
ամէն
օր
անիկա
ծամած
էր
այդ
ժանգոտ
երկաթը,
չէր
փրցուցած
փշրանք
մը
իմաստ,
նոյնիսկ`
հեռայոյս:
Ինչո՞ւ
մեռնցէր
ու
ինչո՛ւ
վառէր:
Երեսուն
տարի,
ամէն
օր
անիկա
իր
դէմը
ցցուած
կը
տեսնէր
կինը,
դեւէն
աւելի
խաւար
երեսով,
ու
մարմինին
բոլոր
խօթութիւններովը,
որոնք
տեսողական
պատրանքով
քիչ-քիչ
կը
վերածուին
խոր
ու
անգայտ
հրապոյրներու
ու
կը
դիմանար
անոր
արցունքին,
անոր
կէնճութեան,
անոր
զրկանքին:
Ու
կը
դիմանար
մանաւանդ,
հրաշքով
փոխուած
անոր
ահաւոր
գեղեցկութեան,
անոր
մարմինը
բոլոր
ծակերէն
ու
բոլոր
ալքերէն
իրեն
կը
քաշէր
ու
իր
առանձնարանը
կ՚ողողէր
կայծերու
ջրվէժի
մը
մէջ
ու
կը
թօթուէր
անոր
ջիղերը,
առնութիւնը`
հզօր
ուռնակովը
սեռին:
Մե՜ղքը,
Աստուծոյ
իսկ
շունչին
տակ:
Անոր
տաճարներուն
մէջ:
Անոր
հետ
հոգեկան
իսկ
ատենը:
Երեսուն
տարի
է,
Աւագ
Հինգշաբթի,
ամէն
խոստովանանքի,
անոր
լինտերը
թել-թել
խազխզուած
էին
ահաւոր
գաղտնիքէն,
որ
փուշերու,
ասեղներու
կծիկի
մը
պէս
կ՚ելլէր
վեր,
հոգիին
գերեզմանէն,
կը
պատռտէր
իր
ճամբան
ճեղ-ճեղ,
ու
արգիլուա՛ծ`
ատամներուն
ոսկորէն,
կ՚իջնէր
կրկին
իր
դամբարանը:
Անշուշտ
անիկա
իր
վատութիւնը
այդ
պահուն
փրկող
փաստեր
շատ
ունէր:
-Ի՜նչ
կարելի
էր
վստահիլ
տէրտէրներուն,
որոնք
երէցկիններու
վարտիքը
մտած,
գեղը
կը
տանէին
աղէտէ
աղէտ,
թուլ
իրենց
բերաններէն,
թուլ
կնիկներէն
գողցուած
գաղտնիքներովը:
Բայց
անոր
գիշերները
կը
խարուկուէին,
կը
նիզակուէին
բարակ-բարակ
սատանաներէ:
Սամիկ
Սամունը
կը
հրուէր
դէպի
զառիթափը,
դժուար
ու
խուսափուած,
բայց
ա՛լ
աննահանջ:
Վասնզի
ան
ունէր
նշաններ
մահուան
մեծ
այցին:
Ու
անոր
ոճիրը,
արդէն
բացեր
էր
կափարիչը
իր
գերեզմանին
ու
ճամբայ
ինկած
դէպի
բերանը,
երբ
Սողոմին
անակնկալ
մէկ
հարցումը
ընդհատեց
այս
յարութիւնը:
Երիտասարդը
կ՚ուզէր
հասկնալ
Աստըծոյ
շահը
մեր
քաշածին
մէջ:
-Մէկ
են
ազգերը
անոր
աչքին
տակ:
-Զինքը
ուրացողնե՞րը:
-Նայէ
արեւին:
Ուրեմն,
այսօր
մեր
պուկին
իր
դանակը
դրած
իմայէլեան
ա՞զգն
ալ
կը
հպատակէր
Անոր
անիմանալի
մատին:
-Կասկած
մ՚ունենար:
Մտածումին
հոծութիւնը,
ուժը
կը
դիւրէին
լեզուական
անհարթութիւնը,
որ
քիչ
խօսող
մարդոց
մօտ
վարժութիւն
է
անփոփոխելի:
Ու
անոր
խօսածը
կը
պարունակէր
ծուծը
իր
դիրքերուն,
երկար-երկար
մարսուած
ու
որոճացուած,
ու
գո՜լը
մանաւանդ
իր
իսկ
ջախջախումին:
Աստուծով
սկսած
ու
դժոխքին
դատակնքուած
իր
կեանքը
կը
լուսաւորէր
այդ
իմաստութիւնը:
Կերպով
մը
հասարակաց:
Արդարեւ
`
-Ի՞նչ
էր
արժէքը
ուժին,
փառքին
ու
ահաւոր
այ
ն
ախորժակներուն,
որոնց
վրայ
կը
կռթնին
բոլոր
յիմարները
աստընւորին,
անհատէ,
ազգէ:
Ի՞նչ
է
կշիռը
կաթիլ
մը
վայելքին,
որով
վայրկեան
մը
կ՚իւղոտի
մեր
մարմինը,
յաջորդին
աքցանւելու
համար
անոր
սլաքներէն:
Կի՜ն
ու
դրա՜մ:
Երբ
կը
կարգենք
կամ
կը
մեծարենք:
Միս
ու
գինի:
Եր
բ
կ՚ուտենք
կամ
կը
խենթենանք:
Ասոնք
չե՞ն
մեծագոյն
կանգունները
մարդոց
տենչերուն:
Բայց
ժժմակի
ու
աճիւնի
բոլոր
կապալառուները,
ուրիշներու
զրկանքով
փոր
կապողները,
իրենց
միսին
վաճառումով
արիւն,
աղ
ու
արցունք
վազցնողները
թող
ելլէին
հեղ
մը
պտոյտի,
Իզնիկի
աւերակներուն
վրայ
ու
աւերակներուն
մէջ
լիճով
ծածկուած
մեծ
ոստաններուն:
Ու
առնուազն
հեղ
մը
մտնէին
դուռնէն
ներս
գեղին
հին
գերեզմանին:
Ծերունին
աւելցած
էր
իր
ջերմացումին
մէջ:
Ու
Սողոմը
կարծես
կը
տեսնէր
աղբիւրը,
ուրկէ
կը
հոսէր
սա
կրակը:
-Փոշի՜:
Չըսաւ
«Ունայնութիւն
ունայն
ու
թեանց»ը,
զոր
լղրճած
էր
թուլբերան
տէրտէրը,
կօշիկին
կրունկին
իսկ
նորոգումը
կապելով
առակասացին
մեծ
պատգամին:
Փոշի՜:
Ուրիշ
ի՞նչ
ըլլար
պիտի
մարմինը
Նալպանտենց
հարսին,
որուն
մէկ
ծիծին
համար,
առանց
թարթելու,
անիկա
կու
տար
թեւին
երկուքն
ալ`
եթէ
ուզէին:
Ու
այս
մե
ծ
կանգուններուն
կողքին
ան
միւսները,
ներսանց`
բայց
նոյնքան
յիմար,
մեր
փոքրութիւնները,
հպարտութիւնն
ու
անգթութիւնը:
Մեր
արհամարհանքն
ու
նախանձը:
Մեր
ճճի
փառասիրութիւնները
ու
յաւակնութիւնները,
մեր
մորթին
կամ
խելքին,
ծնունդին
կամ
ցեղին
յուռութքերով
շփացած,
մեր
եղկելի
նուաստացումները,
որոնք
մեր
մինակութիւնը
գեհենի
կը
վերածեն:
Ինչո՞ւ
մուրացկան
մը,
բորոտ
մը,
մահամերձ
մը,
եօթանասունը
անցած
պառաւ
մը,
օրական
հերթով,
չենք
խարսխեր
մեր
պալատներու
մուտքին,
ելլելու
ու
դառնալու
ատեն
հեղ
մը
չափելու
մեր
ապականութիւնը
իր
հայելիներուն
վրայ
ու
մտքով
խոնարհ
երթալու
առնուազն
մեր
մեղքերուն:
Ու
ազգե՜րը:
Թող
ըլլային
անգութ,
ըլլային
առիւծ,
կամ
բորենի,
կամ
նոյնիսկ
նապաստա՜կ:
Բոլորն
ալ
ազատ
չէին
Անոր
նիզակէն:
Ու
կեցաւ
ծերունին,
փոքրելով
շրթները.
Եւ
հզօրացեալքըդ
պարտեցարուք,
Զի
Աստուած
ընդ
մեզ
է:
Ուրկէ՞
գտած
էր
մռայլ
երկեակը,
որ
անոր,
Սամիկ
Սամունին
ու
բոլոր
մեր
ժողովուրդին
մտածումը
կը
պատկերէր
սա
անհնարին
ուժգնութեամբ:
Անիկա,
«
Խաղաղական
»ի
այդ
երկեակը,
նոյն
րոպէին
իսկ
մեղեդի
եղաւ
Սողոմենց
տղուն
շրթունքին
ու
վազեց:
Քաշուող
շուքերը,
աշնան
քիչիկ
մը
կծու
համը,
որ
կը
կրկնէ
գարնանը
ու
ժամէն
փոխուած
պատկերին,
Սամունին
սա
զուգադրութիւնը
աւելորդ
չէին
իրարու:
Անոնք
բաւ
եղան`
տղուն
մտքին
վերադարձնելու
անոր
հզօրագոյն
զգայութիւններէն
մէկ
գլուխ,
ամբողջ
ու
անկորուստ,
որուն
մղձաւանջէն
պիտի
չկրնար
ազատիլ
պալատներու
հրամայած
ու
հալածուող
բանակէն
հալածողին
կողմը
անցած
ատենն
անգամ:
Կախարդ
պրիսմակ
մը
նոյն
րոպէին
Սողոմին
աչքերուն
բերաւ
Մեծ-պահքի
իրիկուն
մը,
արեւմուտքէն
ետքը,
երբ
շաբաթ
մը
ողջ
ամպակալ
երկինքը
կը
բացուէր
մէկէն
ու
գեղին
վրայ
կը
դնէր
անհուն
կործանու
մ:
Անձրեւը,
առանց
դադարի,
ողողած
էր
դաշտի
գեղերը,
ընելով
ծով
անոնց
արտերը
ու
արգիլելով
անոնց
դուրս
գալը
իրենց
տուներէն:
Ջարդի
էր
տարին
ու
անոնք
սրցուցած
իրենց
թուրերը,
կացինները,
բայց
մա՛նաւանդ
իւղոտած
իրենց
հրացանները
սպասեր
էին
տարափին
դադարին`
խուժելու
համար
հայ
գեղին
վրայ:
Պատրուա՞կ:
Սողոմը
չէր
գիտեր,
պզտիկ
ըլլալուն:
Հիմա,
վերջին
փորձառութիւնը
իրեն
կ՚ըսէր
պատճառը
այդ
ողբերգութեան:
Մեծ-պահքին
այդ
իրիկունը
գեղին
բոլոր
կիները,
անկարները,
ծերերը,
փոքրերը
թափուած
էին
ժամ:
Ու
անոր
այրերն
ու
երիտասարդները
թափուած
ճամբաները
գեղաշուրջի,
խրամներուն
ջուրերը
կապելով
իրարու:
Ու
հսկում:
Տիրացո՞ւ,
դեռ
չէր
կազմուած
անոր
կոկորդը,
բայց
կը
զգար
ձայնին
հուրքը
իր
մարմինին
մէջ:
Բոլոր
գլուխները
գետին
փակած:
Ու
շղթայ
կարծես`
մանուկներու
շրթունքին
ու
կզակին:
Յանկարծ
խոնաւ
ու
մթնշաղ
եկեղեցիին
մէջ,
մռայլ
բերանէ
մը
բխած
էր
երգը,
սկիզբները
քիչ,
դողդոջ,
տակաւ
ջերմ
ու
լեցուն
ու
թեւ
առած,
տարազ
առած
ամուր
հաւատքէն,
որ
գետնամած
սա
խուժանին
մէջ
ցեղին
հաւաքական
հոգին
կը
հանդերձէր
պատմական,
լուսաւոր
մահուան,
անո՛ր`
որ
քանի՜-քանի՜
հազար
անգամ
իբր
քանդակ
ու
իբր
քերթուած
եղաւ
մեր
ժամերուն
մէջ,
ելաւ
այրած
կամարներէն
վեր,
դրուեցաւ
կապոյտին
ու
մնաց
փորուած
անոր
երեսին:
Ժամուն
բոլոր
անկիւններուն,
ու
մէջտեղուանքը
կարասները
ձէթին,
ու
թիթեղները
քարիւղին,
որոնք
պիտի
լուցանէին
սա
կենդանի
ջահերը
ու
պիտի
պատրաստէին
զանոնք
կրակին
արագ
ափափումին:
Հայ
կիներուն
ու
մանուկներուն
վերերէն
գրուա՜ծ
հզօր
քերթուած:
Օծուած
էին
բոլորը,
լաթերէն
ու
մազերէն,
մանկամարդերը
վերէն
վար,
գեղուհիները`
ծոցերնուն
շապիկը
ու
ստինքներն
անգամ:
Ու
կ՚անցնէր
կուկումը
ձեռքէ
ձեռք,
երեսէ
երես:
Ու
պուտ-պուտ
կը
կայլակէր
ձէթը
ակօսուած
այտերուն
վրայ
պառաւներուն:
Ու
մայրե՜րը`
որոնք
բամպակը
թաթխած
իւղին
մէջ
կը
խծկէին
ականջները
իրենց
մանուկներուն:
Ո՞վ
էր
վարեր
վայրագ
այս
կարգադրութիւնները:
Ու
դասին
մէջն
էր
Սողոմը,
կրկնելով
զարհուրելի
յանկերգը
`
Զի
Աստուած
ընդ
մեզ
է:
Ու
բացուեցաւ
կապը
անոր
շրթներուն,
խաղաղ
ետինքին,
քանի
տարի
ետքը
մղձաւանջէն.
Եւ
զի
թէպէտ
դարձեալ
զօրանայք,
Դարձեալ
ի
պարտութիւն
մատնեսջիք,
Զի
Աստուած
ընդ
մէջ
է:
Ծերունին
փակեց
աչքերը:
Անոր
հոգին
կարօտն
ունէր
ձայնին,
ձայներուն`
որոնք
բառերէն
շ
ատ
աւելի
խոր
կը
քաշեն
հոգիին
ղեկը
ջուրերուն
մէջէն:
Այդ
պահուն
եղաւ
լռութիւն
հովէն
ու
ճնճուղներէն:
Ու
Սողոմին
ձայնը
խոր,
կրակ,
ու
արեան
գոլորշիին
վրայ
ողջակէզ
կը
ծաւալէր
երկուքին
ալ
սիրտէն
դուրս,
թանձր
իր
տխրութեամբը
միջոցն
իսկ
հրկիզելով:
Ո՞վ
էր
հեղինակը
տ
արօրինակ
շարականին
այնքան
նոր,
այնքան
իրաւ
ու
այնքան
մեծ,
ընդգրկելու
չափ
տասնհինգ
վերջին
դարերը
մեր
պապերուն
ու
մեր
ժամուն:
Մէկը
հարկաւ
դժխեմ
արտաքինով,
բայց
հոգէպէս
լոյսկոթող
մեր
այն
հայրապետներուն,
որոնք
հիմակուան
պատահածին
նման
այն
ատեն
ալ,
կեցան
անյողդողդ
իրենց
ժողովուրդին
կործանումին
մէջ
ու
բացին
իրենց
բերանը`
բխելու
համար
ոլորքները
իրենց
հոգիին,
ու
կամարեցին
ձայնին
ծիածանները,
բիւրաւոր
աչքերու
դիմաց,
մեռնելու
յամառ,
արեան
մէջ
արդէն
իսկ
մածնացած,
բայց
առանց
նինջի:
Որո՞նք`
պարագաները,
որոնց
ընթացքին
ցեղը
թելադրեր
էր
գերազանց
այդ
շեշտը
իր
մէկ
բերանին
ու
այդ
ճամբով
սեւեռեր
իր
զգայնութեան
քստմնելի,
բայց
այլապէս
խրախուսիչ
մէկ
քանդակը,
այդքան
հզօր
ու
անկորուստ
գիծերով:
Սամիկ
Սամունին
ու
Սողոմենց
Սողոմին
տեղ
թող
ներուին
ինծի
այս
հարցումները:
-Պատասխա՞ն:
-Այո՜:
-Բայց
բոլորս,
սկսելով
գեղին
տիրացու
վարժապետէն
ու
փոխասաց
մանուկէն
մինչեւ
բարձրասլաց
քերթողներ
մեր
ողբերգութեան:
Սկսելով
տէրտէրէն,
որ
պայտուած
մեռաւ
տասնհինգ
տարի
առաջ,
իր
ժողովուրդին
գլուխը,
բայց
չուրացաւ
իր
ազգը,
մինչեւ
շքեղ
հայրապետները
մեր
անցեալին
ու
իմաստնայեղց
մեր
կրօնաւորները,
որոնք
թշնամիին
սուրը
առին
իրենց
սիրտէն
ներս
մեծ
խաղաղութեամբ
կամ
ցեղին
պատգամը
գիտցան
այս
կարգի
հզօր
տուներու
մէջ
քանդակել
ու
ապրիլ
«անվախճան
կենօք»:
Թող
ներուի
ինծի
այս
կանխումը:
Հարիւրաւոր
էջերու
մէջ
ինծի
պիտի
տրուի
եղերական
պարտքը
այդ
հոգիին
գիւտը
ընելու
մեր
նորագոյն
պատմութեան
մէծ
երկրաշարժին
մէջ:
Մեր
ժողովուրդին
ողջակէզը
քաղաքական
փաստ
մը
ըլլալէ
աւելի`
մեր
հոգիին
արիւնումն
է,
վիրաւոր`
բայց
կապուած
երակի
մը
պատառումը,
ուրկէ
հոսած
է
անծանօթ
հեղուկը
հզօրագոյն
երազին,
զոր
Արեւելքը
ոստայնած
ըլլայ:
Վասնզի
թուրքը
Արեւելքին
աղտն
է,
կեղը,
թարախը:
Անոր
հոգին
դեռ
աւազներուն
չոր
արմատներն
իսկ
անատակ
է
կենսաւորելու:
Անցէք
Պոլիսէն
մինչեւ
Հինտիգուշ,
ո՛ւր
որ
կանանչ
կայ,
ո՛ւր
որ
երկու
ծաղիկ
է
աճեր
կամ
ութ-տասը
քար
կամարի
մտեր,
գիտցէք
թէ
մեր
շունչն
է
կատարողը
այդ
հրաշքին:
Ու
մեր
շարականները
կը
պատմեն
մեր
չմեռնող
կենդանութիւնը:
-Պատասխա՞ն,
տակաւին:
-Այո՜:
-Բայց
բոլոր
դարերը
մեր
պատմութեան
ու
տաճարները
մեր
փառքին:
Ու
մեր
արքաները,
միսին
կապուած
թշուառական
արարածներ,
որոնք
նոյն
այդ
ոգիին
խշումին
տակ
մինչեւ
հրեշտակ
մը
շիկանան
ու
կաթողիկէները
կը
դիզեն
կաթողիկէներուն,
մեր
ժողովուրդին
երկինքը
դէպի
երկինք
ցայտեցնելու,
հոյակապ
վայելչութեամբը
մեր
կամարներուն:
Ու
…
ախոռները
թուրքին,
աղօթատեղիները
կամ
բրտանոցները,
որոնց
մէջ
մեր
շղթայուած
եղբայրները
սպանդ
ին
երթալէ
առաջ
չմոռցան
երգել.
Եւ
որ
բնակեալդ
էք
ի
խաւարի
Եւ
ի
ստուերս
մահու,
Լոյս
ծագեսցի
առ
քեզ,
Զի
Աստուած
ընդ
մեզ
է:
Կա՞յ
մէկը,
որ
չհասկնայ
տարօրինակ
այս
աւետիսը,
տակաւին
այսօր:
Անո՜նք`
որ
մեր
երկինքը
կը
պարպեն,
-
բայց
անոնք
ալ
երկինքը
կը
պեղեն
վարը,
հո
ղի
ն
վրայ
այն
երկրին,
որուն
իմաստին,
լինելութեան
ծաղիկն
է
այս
դժբախտ,
անիմանալի
ժողովուրդը:
Կրնայ
ծագած
չըլլալ
այդ
լոյսը
վրան
անոնց,
որոնք
նման
հակումներէ,
նման
վայրագութիւններէ
ետք,
ներս
մտան
մահէն,
բայց
չեղան
տկար:
Կրնայ
այդ
լոյսը
արժեզրկուիլ
կայաններու
ե
ւ
ելեկտրական
հսկայ
բախումներու
նիւթապաշտ
պայծառութենէն:
Բայց
կու
գայ
ժամը,
որ
կը
սրբէ
պատրանքը
բոլոր
աչքերէն
ու
կը
մօտեցնէ
մեր
բզկտումները,
հակամարտութիւնները
սրբազան
պսակին,
արիւնէ
ու
բոցէ,
որուն
թեւերը
կը
հիւսուին
ու
կը
հիւսուին
հազար
հինգ
հարիւր
տարիէ
ի
վեր
ու
չեն
աւարտած:
Վասնզի
ա՛ն`
որ
մեռաւ
խաղաղութեամբ
կացինին
տակը
թուրքին,
ու
ա՛ն`
որ
կը
մեռնի
տառապանքէ`
լեա՜րդը`
անգղի
կտուցին,
եղբայր
են
իրարու
նոյն
հաւատքին
մէջ:
Ու
ահա
հինաւուրց
կղզիի
մը
ապառաժ
մէկ
կատարին
տակաւին
կան
մարդեր,
որոնք
կը
յամառին
երգին
ժապաւէնը
ծիածանել
ու
կամարել
դէպի
իր
եղբայրները,
միշտ
`
Ի
ստուերս
մահու
ու
կը
դիտէ
պատկերը`
անոնց
աչքին`
դարերուն,
որոնց
խաւը
չեղած
է
կարող
ե՜րգը
թաղելու:
Ու
կը
թռչէր
երգը,
բիւրապատիկ
ու
փշուր-փշուր,
ու
կը
պագտուէր
տերեւներուն
հետ
սօսիին
ու
աչուկներուն
հետ
ճն
ճուղներուն:
Ու
կը
զովացնէր
հոգին
բոլոր
ինկողներուն
ու
բաբախումի
կը
հանէր
անմահ
սկզբնահիւթը,
որ
ծուարած
կը
հանգչի
խորը
մեր
բոլոր
ստեղծումներուն,
կը
քնանայ`
բայց
չի
մահանար:
Սամիկ
Սամունը
անշուշտ
գոց
չէր
սորված
մինակ
Եհովային
գիրքը:
Անիկա,
ահաւոր
իր
յիշողո
ւթեամբը,
սորված
ըլլալու
էր
նաեւ
հաստ-փոր
Չամչեանները,
որոնք
ժամուն
ու
դպրատան
նուիրուած
էին
Նալպանտենց
հաճի
Արթինէն
ու
կը
կազմէին
այդ
շրջանի
ընթերցման
գերազանց
մատեանը,
ժողովրդական
ու
հաստատ,
ինչպէս
նպատակը:
Իմ
տղայութեանս
այդ
գիրքերը
պարտաւորուած
էին
փախչ
իլ
դպրոցէն
ու
ապաստանիլ
ժամուն
գանձարանը,
բորբոսին
ու
ցեցին
ժանիքին:
Բայց
տասնով-քսանով
կը
համրուէին
մարդերը,
որոնք
անոր
գլուխները
կրնային
զրուցել
առանց
սխալի
ու
կը
դողային,
եթէ
չլային:
Այնքան
խորունկ
է
այդ
դարաւոր
ոգին
մեր
ալքերուն
մէջ:
Ու
երգին
մէջէն
մեր
ժողովուրդին
հաւատքը
կ՚անցնէր,
ատանկ
վիրաւոր,
եղէգին
նման:
Բայց
ատանկ
անմահ:
Երգին
զառիթափէն
դէպի
երկինք
դիւրին
է
ճամբան:
Ամէն
ինչ
հոն
կը
տանէր
ինքզինքը
ամփոփելու
ա՛լ
անկարող
ծերունին:
Ու
բացուած
իսկ
էին
առաջին
սահանքները
կապոյտին,
երբ
նոյն
ոլորքէն,
ուրկէ
յա
յտնուած
էր
Սողոմը,
բուսան
անաղմուկ
երկու
ճամբորդներ:
Բարե՜ւ:
Ջո՜ւր:
Թիւրքմէններ
էին
ասոնք,
որոնք
լերան
միւս
թափին
ունէին
կայան
ու
հօտ
ու
նախիր:
Դարերէ
ի
վեր
հաստատուած
հաստամեստին
մէջ,
անոնք
ընտանի
էին
շրջանի
գեղերուն`
ինչպէս
գազաններու
որջերուն:
Բռնապետ
ու
թիւնը
տակաւին
չէր
յաջողած
անոնց
մէջ
մշակել
վայրագութիւն,
որով
վարակուած
էին
դաշտի
ու
լերան
կանոնաւոր
գեղերը:
Կը
սիրէին
հայերը,
որոնց
գիւղերուն
մէջ
անոնք
ոսկիի
կը
փոխէին
իրենց
ոչխարներուն
ու
այծերուն
բուրդն
ու
մազը:
Կը
սիրէին
ու
կը
մեծարէին
հայ
ասպատակներ
ը
այն
մեծ
ծառայութեան
համար,
զոր
անոնք
կը
մատուցանէին
անոնց
վրաններուն,
մաքրագործելով
անոնց
շրջանակէն
թուրք
վոհմակները,
կազմուած
մօտի
գեղերուն
բոլոր
ախտաւոր
ու
փճացած
սրիկաներէն,
ծպտուած
ու
զինուած,
խուժելով
վրաններէն
ներս
ու
տասը
տարեկանէն
մինչեւ
քառսուննոց
կիները
բռնաբարելով
ու
վարակելով
անոնց
առողջ
արիւնը
քաղաքներու
-
ուր
զինուոր
էին
եղած
-
բոլոր
սեռային
ախտերով:
Իրենց
ճամբուն
վրայ
անոնք
տարիներէ
ի
վեր
վարժուած
էին
Սամունին
տեսիլքին,
զոր
կը
նկատէին
երկնառաք
սուրբ
մը,
հրաշագործ
կարողութիւններով:
Ամէն
իջնելու`
անոնք
նեղուելով
կը
յաջողէին
քիչ
մը
իւղ
ու
պանիր
ընդունելի
ընել,
հազար
աղաչանքներէ
վերջ:
Սամուն
չորպաճին
կը
բուժէր
անոնց
հիւանդները,
մա՛նաւանդ
լուսնոտ
մանուկները,
որոնց
մարմինները
կրակի
մէջ
ալ
ըլլային,
անիկա
կը
թաթխէր
Ջուր-ելածի
սառ
յորձանքին
ծոցը,
կարծես
Ս.
Աւազանին
մկրտութեան
մէջը:
Ու
մանուկները
հանգչած,
տենդէն
ազատ,
ժպտուն
կամ
քուն`
կը
դառնային
իրենց
վրանները
ու
ա՛լ
չարը
չէին
տեսներ:
Չարը
հիւանդութեան
դեւն
էր
տակաւին
այդ
նախնական
մարդոց
մօտ:
Ձմրան,
անոնք
ամէն
գնով
կը
ճեղքէին
երկու-երեք
մեթր
հաստութեամբ
ձիւնը,
օգնութեան
փութալու
համար
իր
սօսիին
մէջ
գայլերէ
պաշարուած
Սամունին:
Ու
անոնց
պառականին
կը
դղրդէր
գետինն
ու
երկինքը,
տարօրէն
հանգոյն
իրարու,
ձիւնին
մազանման
պատմուճանին
մէջ:
Հեթանոս
էին,
բայց
կը
վախնային
անոր
անէծքէն,
ատանկ
խիստ
ձմեռներուն,
անոր
պարենաւորումը
գործադրելով
ի
գին
շատ
մը
վտանգներու,
վերէն
ու
գազաններէն:
Այդ
ձորամէջերուն
երբեմն
ձիւնը
երկու
ժամուան
մէջ
տասը-տասնհինգ
մեթր
բան
կը
դիզէ
հովերուն
բերնովը,
ու
մարդիկը`
ոտքի`
կը
թաղէ,
ատեն
չձգելով
անոնց,
որպէսզի
թօթուեն
կակուղ
պատենքը:
Ամէն
նոր
ծնունդ
կը
բերուէր
անոր
օրհնութեան
ու
ընթերցումին:
Այս
ընդմիջումը
բաւ
եղաւ
հեռացնելու`
գալու
պատրաստ
երկինքը:
Պատկերները
մեր
մտքին
մէջ
չեն
յարգեր
գիրքի
վրայ
բանաձեւած
մեր
օրէնքները:
Այդ
ներկայութիւնը
հեթանոս
տարրերու,
տեղին
բերաւ
աշխարհիկ
նկարագիր:
Հարցումներ,
պատասխան,
սիկար,
պանիր,
լուր
ու
աւետիս,
-
բանտէն
դարձը
տղոց:
Ու
սօսեսրահը
նման
գեղին
մէկ
սրճարանին:
Նոյն
վայրկեանին`
ջորի՛ն,
որ
ժժմակազարդ,
հարսնեւոր`
պիտի
ըսէր
թիւրքմէններու
բարքերուն
անծանօթ
մը,
ճերմակ
ու
խայտիկ
իր
պատկերը
աւելցուց
նահապետական
դարերը
յիշեցնող
սա
տեսարանին:
Վրան`
խաս
շալերով
կին
մը,
երեսները
բաց
ու
առանց
ճակտի
կապին:
Աղջի՛կ:
Դասական
չորս
մահիկները,
մազերը
թեթեւ
ծածկող
լաթին
չորս
պոչերէն:
Երկո՞ւքը`
ճակտին
երկու
կորասիւներուն,
իրենց
զոյգ
եղջիւրներէն
կախած
ոսկի
բոժոժներ:
Ի՜նչ
հրաշքով
լաթի
այդ
կտորը
կը
մնար
առատ
այդ
մազերուն
վրայ,
առանց
տեղէ
մը
հանգուցուած
ըլլալու:
Կը
պակսէին
բազմաշար
մանեակները,
ծա՛նր
վիզը
ծռելու
չափ
մանկատի
աղջիկներուն,
մինչեւ
երեք-չորս
օխա
ոսկի
փռելով
անոնց
առատ
կուրծքերուն:
Ու
դէ՛մքը
մութ
ոսկեգոյն,
արեւուն
ու
ձիւնին
խստութիւնները
պատմող:
Հեռաւորութիւնը
լեռներու
ոգիի
կը
վերածէր
տեսիլքը:
Կեցաւ
ջորին,
ու
վրայէն
թռաւ,
մարախի
նման,
երիտասարդ
աղջիկը:
Աչքերը
մեծ
էին,
շատ
բաց
ճերմակի
մը
մէջ
հանդարտ
ու
փայլուն:
Հոգեկան
յատակի
մը
պակասը
անոնց
կու
տար
գոհարի
քարերուն
մէկ
հովը,
դո՛ւրս`
իրենց
հեղած
խռովքէն
ու
անտարբեր:
Մի՛ս,
մարմինը,
որուն
մէջէն
դեռ
չէր
քալած
աւիշը,
ա՛ն`
որ
չոր
ծառերուն
մինչեւ
ականջները
կը
փոխադրէ
աշխարհին
մեծ
համը
ու
կը
քողէ
ճիւղերը`
ինչպէս
ծաղիկ
կը
բանայ
աղջիկներու
սրտին
մէջ:
Կեցաւ
անիկա
Սամունին
առջեւ,
աչքերը
վար:
Յետոյ
հակեցաւ
ու
ամբողջ
դաշնակութիւն
մըն
էր
հոսածը,
ոսկեթել
ու
հնօրեայ
թաւիշներուն
ճմլումէն
առաջ
եկած:
Առաւ
անիկա
ձեռքը
Սամունին,
տարաւ
բերնին,
ետքը`
ճակտին
ու
մնաց
խոնարհ:
Անոր
ձեռքերը,
խաչաձեւ,
կը
հանգչէին
արիւնով
ու
կանանչով
խառն
հիւսք
գօտիին:
Օրհնէնք
ընդունելու
կեցուածք
էր
ատիկա:
Ամբողջ
արարողութեան
ընթացքին
Սողոմենց
տղան
աչքը
չէր
բաժնած
աղջկան
ծոցէն,
թեթեւօրէն
լիք:
Այս
լիութիւնը,
երեսներուն
լայնքը,
մարմինին
խոստումները
զինքը
տարին
դուք
գիտէք
որո՛ւ:
Անասելի
տրտմութեամբ
հետեւեցաւ
կախարդական
պատկերին,
որով
երազ
մը
կը
թափի
իրական
կաղապարի
մը
մէջ:
Երբ
այցելուները
բացուեցան
ու
մարեցաւ
փոքր
դռոյթը
ոսկեբարձ
ջորիին,
Ս.
Ըռըստակէսի
սօսին
կորսնցուցեր
էր
խորհուրդի
իր
հովը:
Աշխարհիկ
կալ
մըն
էր
գետինը
Սողոմին
համար,
որուն
մէջ
պարէր
լեռնական
աղջիկը,
վիզէն
դէպի
վար
զգլխիչ
ճերմակով:
Ե՞րբ
էր
դիտեր
Սողոմենց
տղան
աղջկան
երեսներուն
առատ
ոսկիէն
ետքը
սպիտակ
ու
աչք
առնող
ծալը
անոր
կերտան
ին:
Կը
խորհէ՞ր
Սամունն
ալ
մեկնող
աղջկան,
երբ
հարցուց
տղուն.
-Քեզ
ի՜նչ
հով
բերաւ
աստեղուանքը:
Ըրաւ
հարցումը,
բայց
զգաց
իր
դժգոհութիւնը
իր
ըրածին
դէ
մ:
Սովոր
չէր
անիկա
նման
բանի
մը:
Ամէն
եկող,
թշնամի
կամ
թեր`
«կու
գար
բարով»:
-Հէ՛չ,
եկայ
անանկ:
Պատասխանը
ըրած
էր
արագ:
Կը
վախնա՞ր
կրկնուելէն:
Մանր
աչքերը
Սամունին
կոկուեցան
ու
կեդրոնացան:
Անոնց
աղեղէն
նետուեցաւ
նայուածքը
իբր
գիծ,
իբր
«նետ»,
ներս
տղուն
բի
բէ
ն:
Հրո՛ղ,
ուժգի՛ն:
Կարծես
կը
պատռտէին
ոստայնը
անոր
ականողիքին:
Ի՞նչ
կը
փնտռէր
այդ
հայեացքը,
այդքան
խստութեամբ:
Մարգարէ՞:
Ի՞նչ
էր
աղերսը`
ա՛լ
աներեւոյթ
սա
աղջկան
ու
պողպատի
պէս
կարծրացող
սա
սլաքին
մէջ:
Տկարացաւ
Սողոմենց
տղան:
Ինկան
թարթիչները
վար:
Անիկա
հ
ազիւ
գիտէր,
թէ
Սամունը
կենդանի
օրացոյցն
էր
ու
այդ
մեծութեան
մէջ
վարի
տէրտէրներէն
աւելի
ուղիղ
է
դասեր
տօներն
ու
շարականները:
Վեց
ամիս
առաջ
ան
կը
զրուցէր
օրերը
շարժական
տօներուն,
անվրէպ
ու
գուշակի
պէս:
Ատկէ
զատ,
անոր
մտքին
մէջ,
տարիին
ո՛չ
միայն
եղանակները,
այլեւ
օրերն
անգամ
կնիք
ունէին,
գոյն
ունէին
ու
սեփական
կեանք:
Սուրբերը
ու
անոնց
կարգերը,
«իւր
սարօք»,
դեռ
կը
մնային
անջինջ
անոր
յիշողութեանը
տախտակներուն
վրայ:
Բարձին
տակ`
տօնացոյց.
հոգեկանէն
դուրս,
լիագին
ճշդութեամբ`
աշխարհիկ
ալ
կեանքը,
շաբթէ
շաբաթ
ստանալիք
իր
երազանքներով,
տեսակները
աշխատանքին
ու
բերումները
բազմազան
կարիքներու:
Անիկա
շատ
լաւ
գիտէր,
թէ
Սողոմին
տարիքէն
երիտասարդ
մը,
այգեկուքի
սա
բազմազբաղ
օրերուն
չէր
կրնար
դաշտը
չըլլալ:
-Ո՞ւր
է
ձիդ:
-Չբերի:
Այսքան
դիւրի՞ն`
սո՜ւտը,
նոյնիսկ
սա
մարգարէ
մօրուքի
շ
ու
քին:
-Աղայիդ
քո՞վն
ես:
-…
Ինչո՞ւ
չէր
հարցներ
բանտէն:
-Ձէնդ
չէ
դարձեր:
Կ՚ակնարկէր
քիչ
առաջուան
շարականին:
-Աւագ
Հինգշաբթի՜:
Լռեց
անիկա
ու
դէմքին
տարածուած
էր
անհուն
սրտաբեկում:
Սողոմենց
տղան
չէր
կրնար
հետեւիլ
ծերունիին
մտքին,
որ
ոստոստուն,
առանց
մեծ
ցա
նկ
ութեան
մը
ակօսին
մէջ
ձեւի
պառկելու,
կը
թափառէր
կեանքին
մեծ
արօտին
վրայ:
Բայց
Աւագ
Հինգշաբթիի
վերյիշումը
զինքը
նետեր
էր
հիմնական
հունին,
ա՛ն`
որ
պիտի
յանգի
մեր
մահուան
փոսին:
Ծերունին
կը
զգար
ատ
Հինգշաբթիին
բացառիկ
խորհուրդը,
իր
ճերմակ
սեղանովը,
տասներկու
առաքեալներուն
կտաւը
խորանին,
Յուդա՜ն`
որուն
սեւ,
աստղաձեւ
նայուածքը
կը
ճաճանչէր
այդքան
հեռուներէն
դեռ
հզօր
ու
դաւաճան.
իր
Յուդաները,
պատարագը,
խելացնոր
«
Սուրբ
Սուրբ
»ը
Սողոմին,
որուն
ձայնը`
ոսկի
քիւլիւնկ`
ըսես
պեղէր
կապոյտ
պատերը
իրկինքին
ու
անցք
բանար
«վերնակա՛ն»
լոյսին,
ասոր
թեւերովը`
քէրովբէներուն,
ու
երկնային
զօրութիւններուն:
Սողոմին
խաթունը,
ատ
Հինգշաբթին,
տեղի
տալով
տէրտէրներուն,
թաղականներուն
խնդրանքին`
ժամ
կը
ղրկէր
իր
ծառան,
խեր
մը
ընելու
հովը
տալով
իր
գերդաստանին:
Փոխարէն`
պատարագին
մէջ
յատուկ
յիշատակութիւն
կ՚ըլլար
Նալպանտենց
ննջեցելոցը
հոգուն
հանգիստին:
-Աւագ
Հինգշաբթի,
տղա՛ս,
ճանչցիր
Աստուծոյ
շնորհքը:
Խաչ
էր
հանած
ու
իջած`
ծունկի,
մօտի՛կը`
բազկատարած
միւս
ձեւին,
որ
ծանօթ
էր
գեղին
մէջ:
Իր
անունին
շուրջը
կառուցուող
հրաշալիին
ամէնէն
հզօր
մասը
այդ
տես
ար
անումն
էր
անոր:
Աստուած
տեսնելու,
զայն
ընդունելու,
տէրտէրին
բառովը`
«հոգեւոր
ընկալչութեան»:
Անոնք`
որ
եղած
էին
անոր
մօտ,
կը
խօսէին
խելքէ
վեր
գեղեցկութեանը
խորութեանը,
վրայ
անոր
բառերուն,
երբ
այդպէս
հանդիսաւորուելէ
ետքը,
դէմքին
կը
բանար
հեռաւոր
դալուկ
ու
երկնքի
ոսկի,
աչքերը
ըրած
կաթիլ
ադամանդ,
խօսքը
թափելով
դողահար
բերնէն:
Գեղջուկ
իր
բառերը
կը
թաթխուէին
երկնային
շողիւններու
մէջ,
ու
ճաճանչուն,
ինչպէս
էր
նկարներու
մէջ
գլուխները
սուրբերուն
ու
Երրորդութեան
անձերուն,
ու
խոր,
ինչպէս
է
անդունդը,
որ
այդ
նկարներուն
մէջ
աչքերը
կ՚ընէ
այնքան
օտար
մեր
գիտցածէն,
կը
մօտեցնէին
ահաւոր
պատկերը
Ամենակալին
մարդկային
տարազի,
ընտանի
ու
ժուժելի:
Ինչպէ՜ս
անոր
երեսէն
կը
քաշուէր
մարդկեղէնը
ու
տեղը
կու
տար
միւսին,
անճառելի
այն
ուրուայնութեան,
որ
ոգիները`
ինչպէս
կարգ
մը
նկարներէ
կտաւներ
-
դէմքի
մասը
-
կը
տանի
մեր
սահմաններէն
անդին:
Երկինքն
ու
երկիրը,
Սողոմենց
Սողոմն
ու
Նալպանտենց
Աղուորը
ստեղծող
ու
մեր
սիրտերը
բաց
թուղթի
պէս
կարդացող
«անժուժելի»
պիտի
գա՞ր
տեսարան:
Սողոմենց
տղան
խենթ
կ՚ըլլար
այդ
զրոյցէն:
Սամիկ
Սամունին
հեքիաթին
հետ
անիկա
գիտէր
նաեւ
միւսները,
ահաւոր
պատմութիւններ,
որոնց
մէջ,
վկայաբանութեան
մը
երանելի
հերոսը,
աչքերը
փոքրած
աքաղաղի
ոսպնեակին
չափ
ու
գամած
անոր
փխրուն
սլաքը,
ժամերով,
ամպերու
ալիքներուն,
կը
հսկէր,
յորդ
ու
յարափոփոխ
այդ
թեզէն
դուրս
բերելու
համար
«ցանկալի»,
«զարհուրելի»,
«անժուժելի»,
լուսեղէն
պաստառը
Անոր
դէմքին:
Ամբողջ
ողբերգութի՛ւն
մը,
այդ
սպասումը:
Ու
խուսափո՜ւմը
օրերու
ճիգին:
Հարիւր
անգամ
քիչ
է,
կարդացեր
էր
Մովսէսին
զրոյցը,
ուր
Իսրայէլին
առաջնորդը
երկու
քարերու
մէջէն
զգացեր
էր
անոր
անցքը:
Ու
քսան
հեղ
պատմել
էր
տուած
տէր
Միքայէլին
ան
միւս
զրոյցը,
ազգային
ասիկա,
որուն
մէջ
մեր
մեծ
սուրբերէն
մէկը,
Գրիգոր
Նարեկացի,
տեսեր
էր
Աստուածամարը,
ծոցին
Յիսուս,
քալելով
ծովին
վրայէն
դէպի
ցամաք:
-Ճանչցիր
Աստուծոյ
շնորհքը:
Երկրորդ
անգամ
նախադասութիւնը
կը
հնչէր
իբր
ազդարարութիւն
մ
ը:
Կը
տեսնէ՞ր
անիկա
Սողոմենց
տղուն
սիրտը,
ուր
ոճիրին
որդը
կը
սղոցէր
շնորհն
ու
գեղեցկութիւնը
անոր
ծալքերուն,
երեսակներուն:
Ու
վա՜խ:
Երկինքին
այդքան
մօտենալէն
ետքը
Սողոմին
ներսը
ինչո՞ւ
կը
յամառէր
ոստղիլ
աւազը
արիւնի՜ն:
-Անօթի
չըլլա՛ս:
Կ՚ըսէր
ասիկա,
հետեւե
լո
վ
Սողոմին
այլուրութեան,
որով
տղան
կը
դադրէր
քիչ
առաջուանը
մնալէ:
-Հա:
Սուտ
կը
խօսէր:
Բայց
նիւթական
այս
մանրամասնութիւնը
պահ
մը
ետ
նետեց
ուրուացող
պատկերը
սատանաներէն
սղոցուելուն:
Ե՛րբ
բերուեցաւ
ուտելիքը:
Ո՛չ
տեսաւ
ան,
ոչ
ալ
շարժում
ունեցաւ
դէպի
սեղանը:
-
Կա
րօտցա՞ծ
ես
հօրդ:
Նախադասութեան
հետ,
երիտասարդը
տեսաւ
հայրը,
պատանքէն
քիչ
առաջ,
երկարած
ու
սո՜ւրբ,
մատուցուած`
մահուան
կլափին,
հասո՛ւն`
ինչպէս
ծառէն
ինկած
պտուղ
մը:
-Կը
տեսնա՞ս:
Պարզ
էր
հարցումը:
Ակնարկութիւնը
սուրբերու
բարբառին
աղը
կը
նկատուի:
Հոգեկան
կե
ան
քի
ուժգնութիւնը
կամ
նուագումը
տղոց
մէջ
կապ
ունէր
մահուան
ու
անոր
լծորդ
միւս
զգայութեանց
աճումին,
երկարաձգումին:
Տարիներով
ողջերը
կը
մխիթարուէին
ու
կը
բաւարարուէին
իրենց
երազներով,
որոնց
մէջ
մեռելները
կու
գային
շարունակելու
երկրաւոր
իրենց
կեանքը,
ու
դիմա
ցնելու
պատրանքին
երկսայրին:
Մեր
մէկ
գրագէտը,
ատ
արարածներուն
բերանով
հարցուցած
է
գերագոյն
հարցումը,
-
«Ո՞րն
է
իրաւը,
ատ
ստուերներո՞ւնը,
թէ
արեւուն
տակիններունը»:
-Ատեն-ատեն:
Սամիկ
Սամունը
տխուր
ու
լուրջ
աւելցուց.
-Նեղն
է
երկինքը:
Ըսած
էր
նախադասութիւնը,
մե
կն
ելով
տղուն
վարանոտ
հաստատումէն:
Մոռցուող
մեռելները
փաստ
էին
զօրաւոր
ողջերու,
որոնք
կը
մտնէին
տղոցը
սիրտը
ու
կը
գրաւէին
տեղը
գացողներուն:
Իր
մեռելները
մոռնալը
գեղին
մէջ
համազօր
է
իր
կեանքը
գէշ
դասաւորելուն:
-Դուն
կը
տեսնա՞ս
մեռելները:
-Ողջերուն
պէս:
-Ուզ
ա՞
ծ
ատենդ:
-Ուզած
ատենս:
-Կը
խօսի՞ս
ալ
հետերնին:
Չպատասխանեց:
Սամունը
բռնեց
տղուն
թեւէն
ու
քալեց:
Կ՚երթային
դէպի
սօսին:
Հսկայական
բու՛նը,
հաստ
դռնակով
մը
հեղիւսուած`
վերածուեր
էր
ամուր
սենեակի
մը:
Պարպուած
իր
ծուծէն,
դարերով
խոռոչ,
յետոյ
կրծուած
բազմազգի
կ
րծ
ողներէ,
պատռտուած
իր
կողէն`
անիկա
Սամունին
ձեռքով
մտեր
էր
նոր
իր
պատկերին:
Կը
դիմանար
գայլերու
գրոհին,
որոնք
ժամերով
կը
պառկէին
անոր
սեմին
ու
ներսէն
ծառին
վրայ
բարձրացող
Սամունին
խրատները
ի
վերջոյ
պարտաւորուած
մտիկ
կ՚ընէին,
ձայնն
առնելով
որսորդներու
կամ
թիւրքմէններու
ժամանումին:
Ծերունին
հրացան
չէր
պարպեր:
Երկաթ
ձողեր,
որոնք
կարկտան
փայտերուն
վրայէն
կը
մխրճուէին
ծառին
միսէն
ներս:
Մարդահասակ
ու
ցից
քարեր
պարիսպ
մը
կը
ձեւէին`
տեղ-տեղ
նիհարցած
կեղեւը
պաշտպանելու
նպատակով:
Բացաւ
դուռը,
թիլ
մը
հաստութեամբ
ընկ
ու
զի
տախտակ:
Սողոմը
կողմնակի
աշեց
ներսը:
Ընդարձակ
ու
լեռնականներու,
անտառապահներու
մօտ
ընթացիկ
առարկաներով
կահաւոր:
Լոյս
կ՚առնէր
վերէն:
Սնտուկ:
Երկփողեան
հրացան,
նեղ
ժամու
համար,
գայլերուն
դէմ:
Եղած
են
ձմեռներ,
երբ
ձիւնամրրիկը
տեւած
է
օրեր
ու
սօսիին
երկու
մ
արդահասակ
բունը
կորսուած
ձիւնին
տակ:
Ատ
իսկ
բերումով`
գայլերը
կրնային
վերի
ծակը
շահագործել
:
Ծերունին
վերցուց
տախտակ
մը,
ուղղակի
ծառին
միսին
փորուած
խորքէ
մը:
Հանածը
Աստուածաշունչ
մատեան
մըն
էր.
բորոտի…
-Բորո՛տ
է…
Ինչպէ՜ս
վարժուեր
էր
լսել
ու
ըսել:
Ու
աչ
քի
ն
բուսաւ
կաղ,
մէկ
աչքէն
փուտ,
փորէն
յղի
կնիկի
պէս
ուռած
մարդը,
որ
ամէն
տարի,
կռնակին
ծրար,
մէկ
ձեռքին
կաշիէ
պայուսակ,
միւսին
ալ
մեծկակ
սակառ`
կը
պտըտէր
թաղերը,
ու
բորոտ
իր
ծոծրակը
արիւնելու
չափ
քերելով,
նմանելու
համար
գիւղացիներուն
մէջ
մեծ
ժողովրդականութի
ւն
գտած
«անարծաթ
բժշկացն
Կոզմայի
եւ
Դամիանոսին»
-
կարմիր
մատներովը
անիկա
կը
տրորէր
նաեւ
փուտը
իր
աչքին
իբր
արժանի
պատուհաս
ով
գիտէ
ի՜նչ
մեղքի
-.
կը
բաշխէր,
առանց
դրամի,
զուտ
հոգեկան
հացի
իբր
մատակարար,
գերազանցապէս
հոգեշահ
այդ
մատեանները,
փառակազմ,
ոսկեփոշի,
ամերիկեան
Պորտին
յղփանքը
վրանին,
պայուսակէն
ելած
ատեն
իսկ
պատկառանք
ազդող:
Հակառակ
իր
ուխտին,
որով
անիկա
կը
հրաժարէր
մատեաններուն
հնչուն
փոխարժէքէն,
անիկա
վարձք
կը
սեպէր
ապառաժէն
ալ
-
դուք
հասկցէք
ամէնէն
քարսիրտ
գեղացին
-
բան
մը
փրցնել
անպատճառ,
ձիթապտո
ւղ,
պուլամա,
եղ,
տրեխ,
նորածիններու
շոր,
շորեղէն,
մա՛նաւանդ
բրդեղէն,
գուլպայ,
վզի
շալ,
ու
ի՛նչ
որ
կու
գար
«բուխ»
սրտէն
տանտիկինին:
Կ՚ընէր
ասիկա`
վարժեցնելու
համար
գեղացին
ողորմութեան,
երկրորդ`
հոգեւոր
իրերու
եւ
կեանքին
հանդէպ
կենդանի
հետաքըրքրութեան:
Ու
գեղունի
Սաղմոսները,
Եսթերները,
Առակները,
Մարգարէները
այս
ճարտարութեամբ
կը
վերածուէին
նիւթական
հացին,
զոր
այդ
բորոտը
կը
կրէր
իր
գեղը,
ծովէն
անդին,
ութ-տասը
տղոց
ապրուստը
ապահովելով,
անդրանիկը
ձրի
տեղաւորած
բորոտներուն
մեծ
«դպրատունը»
ու
քշելով
իր
էշը
շատ
աւել
ի
լաւ,
քան
արհեստ
ու
աչք
ունեցողները,
հոգ
չէ
թէ
անոր
ափին
սակառը
գոյնզգոյն
իր
պարունակութեամբը
յիշեցնէր
աղքատներու,
գնչուներու
տոպրակները:
Ի՜նչ
կը
հեգնէին
տղաքը
այդ
անհաւատ
քրիստոնեաները,
անոր
բաշխած
գիրքերը
հռչակելով
սուտ
ու
ներշնչուած
սադայէլէն:
-Աստուծո
յ
խօսքը
չի
բորոտիր,
տղա՛ս:
Տեսաւ,
որ
իրաւունք
ունէր
ծերը:
Բայց
ի՞նչ`
կա՛պը
մեռելներուն
հետ
խօսելուն
ու
բորոտ
այդ
մատեանին
մէջտեղը:
Գիրքը
չէր
դողար
անոր
ձեռքին
մէջ:
Շարժումը
կիսեց
մէջտեղէն
մանրատառ
մատեանը:
Անոր
աչքերը
անզօր
էին
զատելու
գիրերը
յստակութեամբ:
Բա
յց
անոր
մատները
գոց
գիտէին
էջերը:
Երեսուն
տարի
անիկա
ուրիշ
բան
չէր
ըրած,
ամէն
օր,
տասը-քսան
հեղ,
գիրք
բանալէ,
կարդալէ,
շնչելէ
զատ:
Բացուած
տեղն
էր
Թագաւորաց
գիրքը:
Հողոտ
ու
հաստ
անոր
մատներուն
տակ
էջերը
թուքէն
ու
ցեխէն
կիտուած
էին
կազմեր,
ճմռկուած
կէտին
ոլորքներու
վրայով:
Մօտեցուց
աչքերուն,
բայց
փոխեց
նպատակը:
Հրեց
գիրքը
դէպի
Սողոմը:
-Տիրացու
ես
դուն,
կարդա՛:
Տղան
գիրքը
առաւ:
Թեթեւ,
քաղցր:
Որքան
ատեն
է
թուղթի
համ
ու
հոտ
կարօտցեր
էր
անիկա:
Այդ
րոպէին
անիկա
պարպուած
էր
իր
կեանքին
վերջին
տարիներէն
ու
կ՚ըլլար
պ
ատանին,
երկինքով
ու
հեքիաթով
սնանող,
որուն
հոգին
ճերմակ
էր`
գրուելու
տրամադրուած
էջի
մը
նման:
Ո՞ւր`
ոճի՜րը,
Նալպանտենց
կնիկը,
բանտը
ու
ա՜ղբը
աշխարհին:
Գլուխը`
որ
կը
թուէր
սատափուած
մոմի
կաթիլներով
-
Սողոմը
կ՚անգիտանար
այդ
կաթիլներուն
պատճառը:
Գիշերային
հ
սկ
ումներու,
դժուար
կացութիւններու
ժամանակ
Սամիկ
Սամունը
քանի՜-քանի՜
հեղ
կանչեր
էր
Սամուէլը,
մոմի
լոյսովը,
մինչեւ
գիշերը
կէսերը
-,
կը
պարունակէր
Սաւուղին
դիմումը
վհուկ
կնիկին,
Սամուէլին
ելքը
գերեզմանէն,
ու
պատգամները`
Սաւուղին:
Սողոմենց
տղան
կարդաց
բորոտ
մա
տե
անէն.
դժուար
էր
գտնել
ինքզինքը
մանր
տառերուն
ու
աշխարհիկ
անոր
լեզուին
մէջ:
Դպիր
էր
անիկա,
ու
ջուրի
պէս
վարժ`
եղանակելու
մարգարէները,
կամ
տիրացու
շեշտով`
ճաշու
թուղթերը
առաքեալներէն:
Բայց
քիչ-քիչ
ապակամ
այդ
գոյնը
փարատեցաւ
անոր
ընթերցումէն:
Համարները
զօրա
ւոր
բաներ
կը
թելադրէին
ու
վհուկին
տեսիլքը
գրգռիչ
հով
մը
ունէր:
Մինչեւ
որ`
տեսաւ
կարծես
անիկա
Սամուէլին
ելլելը,
հողին
յատակէն,
որ
«վերարկու
մը
ունէր
ու
ծեր
էր»:
Վախէն
դուրս
բան
մը`
այդ
զգայութիւնը
կ՚ընէր
տանելի:
Աչքին
ծայրովը
փնտռեց
գիրքին
վերարկուն
Սամունին
վրայ,
որ
շեղ
այդ
անկիւնէն
կը
հեռանար,
կը
քայքայուէր
իր
հէնքէն:
Իր
դէմէն
այնքան
յստակ
էր
քակուելու
սա
զգայութիւնը,
որ
վախցաւ,
թէ
երեւոյթը
տարածուած
էր
նաեւ
մատեանին
գիրերուն:
Կորսնցուց
անիկա
գիրերը,
որոնք
պարի
ելան
մոմի
թափանցիկ
կաթին
մէջ`
ծռմռած,
խոշորցած
ու
պաղած:
Պահը,
գերագրգռութեան
հզօր
լարուածքը,
որ
անոր
մարմինը
չէր
ձգած
ախոռի
ծեծէն
ասդին,
վախը,
քսանչորս
ժամէ
ի
վեր
գրեթէ
անսուաղ
իր
փորը,
որ
կ՚որոտար
ու
պտոյտ
կը
բերէր
անոր
ճակտին
քովերուն
ու
կ՚արձագանգէր
ականջներուն
փողերէն
ու
մա՛նաւանդ`
անհնարին
սպասումը
ուժէն,
ջիղերէն,
իրերէն
ու
յուշքերէն,
ու
գուցէ
ամէնէն
շատ
սաստիկ
արիւնահոսութիւնը
գրեթէ
խախտած
էին
անոր
մէջ
երեւակայութեան
դասական
օրէնքները:
Ու
բան
մը,
ուրուային
ու
խոշոր,
թրթռալով
շարժումի
կ՚ելլէր`
ծերացած
Սամուէլին
տեսիլքը
ձեւաւորելու,
անոր
աչքերուն
կիսաղեղէն
վեր,
յօնքերուն
պաշտպանութեամբը
կազմուած
տարածութեան
վրայ:
Որքան
տեւած
էր
անոր
մէջ
եփը
այս
խռովքին:
Հատան
գիրերը
բոլորովին
ու
անոր
աչքին
դաշտը
լիովին
ողողուեցաւ
պատկերէն:
Ինքն
էր,
վերարկուով
ու
մօրուօք:
Բայց
ահա
աւելի՛ն:
Նոյն
փլանին,
ուրիշ
մը.
անպատան
ու
գեղացի:
Ու
հա՛յրը:
Որ
Սամուէլին
թուղթէ
նկարը
քշեց
ետ
ու
կեցաւ:
Երկի՞նք:
Երկի՞ր:
Անոր
աչքերը
ունէին
ողջութեան
մեղրը
ու
տրտում
հով
մը,
զոր
մեռելութիւնը
կը
ճարէ
ուրուականներուն
բոլորին
ալ:
Յուզումը
այնքան
ուժգին
էր,
որ
ինկաւ
գիրքը
ձեռքէն:
Նոյն
րոպէին,
թարթիչները
խստօրէն
հիւսած,
մատները
կուղպ,
կործեր
էր
կողին,
տժգոյն`
ինչպէս
նոր
մեռել
մը:
Երբ
ջուրի
զովութեան
տակ
բացաւ
աչքերը,
վերցուած
էր
բոլորտ
մատեանը:
Գլխուն,
ծունկի`
Սամունը,
տարբեր
էր
վերարկուով,
զոր
հով
մը
կը
բանար
փէշերէն
կապտաւուն
լռութեանը
մէջ
տե
սի
լքին,
աղօտած,
բայց
ողջ`
իր
գծագրութեանը
մէջ:
Ահաբեկ`
անիկա
ածեց
իր
նայուածքը,
սանկ
առաջօք,
մօտերը,
մէկը
փնտռողի
ու
չգտնելուն
զարմացածի
յայտ
դիմակերպով:
Չտեսաւ
Սամունը,
որ
մօրուքը
կը
փետտէր
ջղագար
բանով
մը
ու
կը
դողար
Սողոմէն
աւելի:
Յետոյ
հրեց
իր
նայուածք
ը
սօսիին
ետին:
Նոր
ձեւ
կ՚ըլլային
աղուոր
ու
մանր
թփուտները,
որոնք
մեծկակ
ծառի
մը
շուքէն
դուրս
կը
փախչին
բնազդով
ու
շուրջպարի
կը
մտնեն
սիրտ
տիրակալողին
շուքն
ի
վար:
Յետոյ
դարձաւ
քովնտի,
նման
մէկու
մը,
որ
ետ
կը
դառնայ
շատ
հեռու
ճամբայէ:
Շնչառութիւնը
կը
լայննար
ու
երեսին
դալկութեան
վրայ
գիծեր
կը
հաւաքուէին:
Յոգնած
ու
ջախջախուած
կոպերը
արագ-արագ
կը
զարնուէին
իրարու,
կարծես
վանելու
համար
տեսիլքին
աւազը
անոնց
ներքեւէն:
Չպատասխանեց
Սամունին,
որ
անոր`
ինչպէս
բոլոր
միւս
նուաղումները
կը
կապէր
գերբնական
տեսիլքներու:
Անծանօթը,
անոր
անդոհը,
նուաղումով
գոյաւոր
յուզումը
վարակած
էին
անոր
զառամ
բերանը:
Ան
հոգին
կու
տար
գիտնալու
համար
տեսիլքը,
ուրկէ
կը
դառնար
տարօրինակ
տղուն:
Երկինք
այցելելը
գեղին
մէջ
ասպարէզ
էր
գրեթէ,
ու
անոր
համարատուութիւնը
վայելք`
ափ
ի
բերան
սպասողներու
պանդոյր
վախին
դէմ:
Խաչը
խաչին,
Յիսուսը
Քրիստոսին
կը
փակցնէին
հաստ,
խեղճ
մեղաւորները,
որոնց
զլացած
էր
այդ
հաճի
երթալէն
աւելի
թանկ
շնորհքը:
Տղան
կը
լռէր:
Ու
բառէ
անոր
խուսափումը
տառապանք
էր
երկնածարաւ
ճգնողին:
Դժգոհ`
հրեց
անոր
ծունկերուն
բոլորակ
հիւսք
մը,
ոզոր
իէ,
սակառի
յատակ
մը,
առանց
եզերքի:
Վրան`
չորս
գլուխ
կարմիր
բողկ,
ու
երկու
ալ
սոխ:
Օրը
պահք:
Չորեքշաբթի:
Օրհնեց
արագ
սեղանը,
կոտրեց
ճիրանի
նման
եղունգներովը
փաչատելէն
սեւ
նկանակի
մը
կէսը,
կարծր`
ինչպէս
կոտրած
ձաւարի
երկանաքար
մը:
Տարիներով
կրնար
դիմանալ
հաց
էն
զատ
ամէն
բանի
նմանող
այդ
սեւ
ու
ծակոտկէն
բանը,
որ
կը
յիշեցնէր
նաեւ
հրաբխային
հողերու
մէջ
յաճախակի
հանդիպուած
չեչոտ
քարերը,
փոսաւոր
ու
երկաթի
աղտեղութիւն
նոյն
ատեն:
Կերա՞ն:
Կերա՞ւ
մա՛նաւանդ
Սամունը,
Սողոմը
պիտի
չկրնար
յիշել
ատ
պարագան,
հակառակ
բուռն
փափաքին,
մինչեւ
ոճիրը
լուսցնող
առտուն,
երբ
իր
մոռցած
փորին
առաջին
ու
խիստ
պահանջը
պիտի
իմանար
գնչուներու
վրանին
մէջը:
Բայց
հաց
էր:
Անիկա
ուժգին
վախն
ունէր,
հակառակ
իր
կամքին,
բերանը
բանալու,
սեղանի
գլխուն:
Իրեն
այնպէս
կու
գար,
որ
պատրաստ
մէկը
կար
իր
կոկորդէն
դ
ու
րս
քաշելու
կծիկը,
պարկը`
որուն
մէջ
սաղմ
էր
կապեր
անոր
գաղտնիքը:
Մտիկ
կ՚ընէ՞ր
ծերունին,
որ
կը
խօսէր
ընդհատ-ընդհատ
ու
հեռու
բաներ:
Այդ
վայրկեանէն
տակաւին
քանի
մը
ժամ
վերջը
մինչեւ,
մինչեւ
հօրը
գերեզմանին
վրայ
իր
երդումի
իջնելը,
անոր
կը
թուէր
լսել
անջատ
բառեր,
կէս-կէս,
առանց
չարայարուած
իմաստի
մը
կապին,
որոնք
պիտի
մտնէին
ու
ելլէին
անոր
մարմինին
բոլոր
ճամբաներէն,
ուր
պիտի
վազէր
հեղեղը
Սամիկ
Սամունին
մեղքին:
Արեւը`
քայլ
առած
դէպի
Մեծ-քարը:
Շուքեր`
որոնք
կ՚աճէին
արագ-արագ:
Յոգնած
լռելէն`
ինչպէս
լսելէն,
անկարող
լ
եզուն
հնազանդ
պահելու,
հօրը
հետ
դէմ
դէմի
խօսելու
հզօր
պէտքէն
դղրդուն,
բայց
նեղուած
մա՛նաւանդ
Սամունին
ենթարկուած
տագնապէն,
որ
շատ
մօտիկն
էր
լուսնոտներէ
իր
տեսակներուն,
դողդոջ
ու
տեղէն
ելաւ
ոտքի:
Ու
անոր
իբրեւ
շուքը`
զգալի,
ծանրկեկ
տոպրակը
ոճիրին,
որ
կը
կքէր
զինքը:
Խոյս
տալու
ու
ինքնիրեն
հետ
ըլլալու
համար
անիկա
երկարեց
իր
ձեռքը,
առաւ
անոր
կոշտ
ափը
ու
պագաւ,
երբ
խփուած
աչքերուն
մէջ
կը
կենար
ոտքի
թիւրքմէնին
աղջիկը,
վիզն
ի
վար
ճերմակ,
ինչպէս
առուակին
փրփուրը,
ուր
կը
պատմէր
ժամբակի
Աշըխը,
անոնց
լոգնալը:
-Ո՞ւր:
Ձայնէ
ն
հեռու
բան
մըն
էր
սա
կտոր
մը
բառը,
որուն
անձուկը
վրիպեցաւ
իր
իսկ
քշուած
Սողոմին
հասողութենէն:
Պատասխանի
տեղ`
թօթուեց
գլուխը
անորոշ
ուղղութեամբ:
Չէր
կրցած
կռնակ
դարձնել
ծերունիին,
որ
աչքերը
յառած
մեկնելու
պատրաստուող
արեւին,
կը
կենար
անշեղ,
բայց
կործանած,
-
ամէն
ինչ
իրմէ
այդ
քայքայումը
կը
պատկերէր:
Մանր
ճուռպոտած
թարթիչներէն
անոր
բիբերը
կը
նմանէին
արեան
կաթիլներու,
արեւէն
ինկած
ու
ճերմկուցին
մէջ
սառելու
վրայ:
Ան
ալ
կ՚ուզէր
խօսիլ,
բայց
կ՚արգիլուէր:
Մարմինը
քանի
մը
հեղ
գնաց
ու
եկաւ,
կրկնելով
մտածումը,
որ
յորդելու
ելած
ալիքի
մը
պէս
կը
ծեծէր
անոր
վանդակի
ներսի
երեսները
ու,
մա՛նաւանդ`
գանկին
տակ
կ՚ըլլար
մուրճի
մեծ
հարուած,
ճօճուն
ու
հզօր`
աջին
ու
ձախին:
Ներքին
իրականութիւնը
մեր
մարմինը
կ՚ենթարկէ
նման
ծփանքներու:
Դէպի
ոճիրը,
անհեթեթը,
վսեմը,
այսինքն`
դէպի
կործանումը
մեզ
խելօք
ու
պարկեշտ
ընծայող
օրէնքներուն,
անհրաժեշտ
է
այս
նախապատրաստութիւնը:
Փլելէ
առաջ`
տարերային
հեծկլտուքին
կը
նմանի
այս
վիճակը,
որ
կը
զգան
տունին
ներսինները:
Չափեց
կրկին
երիտասարդը:
Ու
ողորմելի
էր
անոր
նայուածքը,
նուաստութենէն
անդին
բեկումով
մը:
Յետոյ,
տխրած
չարաչար,
սեփական
կործանումին
ստոյգ
պատկերէն,
որուն
վրայէն
անոր
խղճմտանքը
ա՛լ
վերցուցած
էր
քառսուն
տարիներու
վարագոյրը,
անցաւ
այդ
աղբին
տեսարանէն
ալ
անդին,
ընկղմելու
համար
աւելի
խոր,
իր
իսկ
նայուածքը
ժուժելու
անկարող,
ըսես
մեղքէն
յորդող
աչքերէն
վանուած`
դէպի
սիրտը:
Մեր
սիրտը
գերազանց
ապաւէնն
է
այս
տագնապներուն
ատեն:
Հոն
կ՚ապաստանինք,
երբ
մեր
ուղեղը
դաւաճանէ
մեզի:
Մա՜հ
թող
կանչէ
անիկա,
որ
կէս
դարու
ճգնութեամբ
կը
կարծէ
ինքզինքը
արժանաւորապէս
հանդերձած
ըլլալ
գերագոյն
այդ
րոպէին:
Անհատ
մը,
իր
պզտիկ
սահմանէն:
Ու
խորհիլ,
որ
երբեմն
ամբողջ
ժողովուրդ
մը
ուրիշ
բան
չ՚ըներ
այդ
մռայլ
հանդերձանքէն
դուրս:
Անոնք`
որ
մեր
պատմիչները
կը
կարդան,
կը
վարակուին
այս
պատկերին
տիրակալող
մշուշէն:
Ե՞րբ
գտան
մերինները
ատեն,
շէն
քաղաքները
ու
մեր
զմայլելի
երաժշտութիւնը
ու
մեր
դժբ
ախտ
հոգիին
մէջ
այնքան
թանկ
երեսակներու
յարդարումը
իրագործելու,
քանի
որ
դարեր
ու
դարեր
երկինքին
այլամերժ
սպասը
ըրին
ու
իրենց
օրերը
այդ
անկիւնէն
արժեւորեցին:
Մա՜հը:
Որ
կրնար
սպասել
ճամբուն
ոլորքին
ու
Սողոմին
մեկնումէն
առաջ
կրնար
քայլ
առնել
դէպի
սօսին:
Ի՞նչն
էր,
որ
Սամունը
կ՚ընէր
այդքան
զգայուն
այդ
հանգիստին,
այնքան
հասուն
գալիքին:
Այս
րոպէները
գեղին
քար
խղճմտանքները
խմորի
պէս
կակուղ
կ՚ընեն:
Կէս
դարու
պղնձակուռ
ամբարիշտը
հոգեվարք
մտնելէ
առաջ
կը
մեղմանայ
ու
կը
կանչէ
իր
սնարին
տէրտէրը
ու
կը
բանայ
ժանգոտ
դուռները
իր
մեղքին:
Ինչու՞
այսքան
ուշ:
Հարցուցէք
Սամունին,
որ
ջանաց
հասուննալ
ամէն
տարի,
բայց
Աւագ
Հինգշաբթիները
միշտ
ալ
ճամբու
դրաւ,
ի՛նք`
որ
կ՚ապրէր
այդ
խոստովանանքին
համար
եւ
ոչ`
ուրիշներուն
պէս
նոր
մեղքերու
բջիջները
մեղրելու:
Ու
եկած
է
պահը,
ուր
անոր
անցեալը,
մա՛նաւանդ
ամէնէն
սեւ
մասը,
միակտուր`
ինչպէս
մեծ
կրակէ
մը
անցած
խաւար
ապառաժ`
կը
կենար
ոտքի,
ու
անցք,
դուռ
կը
պահանջէր
շուարուն
ծերէն:
Յետոյ`
նման
մէկու
մը,
որ
շատ
վճռական
որոշում
մը
առնելէ
առաջ,
բոլոր
վարանումները
կը
նետէ
մէկդի`
անիկա
վանումի
այդ
խուլ
շարժումը
փոխանցելով
իր
ձայնին
գրեթէ
խիստ,
դաժան`
հրամայեց.
-Կեցի՛ր:
Տղայէն
առաջ
ինքն
էր
կեցողը:
-Ըսելիք
ունիմ:
Կոտրած
էր`
ինչպէս
ճեղքուած
ամանի
մը
ձայնը:
Կը
դողա՞ր,
թէ
կը
վախնար:
Բացուած
էր
կուղպ
ափը:
Մէջէն,
երկուքին
մէջտեղը,
ինկաւ
կարմիր
գլուխը
բողկին:
-Կը
տե
սն
ա՞ս,
-
շարունակեց
անիկա,
ցոյց
տալով
բողկը
ու
զայրանալով
մատին,
որ
չէր
գտներ
բողկին
ճիշդ
ուղղութիւնը:
-Բողկ
է:
-Ատ,
քու
գիտցածդ:
Չըսաւ
շատ
սիրական
առածն
ալ
ետեւէն,
որով
կը
հեգնէր
անիկա
անգէտները
ու
զանոնք
«կ՚աղէր,
որ
չհոտէին»:
Նետեր
էր
նոյն
ատեն
կաշեգործ
վերարկուն,
որ
պաշտօն
ունէր,
ամառ
թէ
ձմեռ,
անոր
մերկութիւնը
պատելու,
նմանցնելու
համար
զայն
ձարազգեաց
ճգնողներուն:
Այդ
տեսակ
անգիտակից
շարժումներ
մեծ
գուպարի
սկիզբ
կ՚ընեն
տղաքը,
երբ
կը
պատրաստուին
գօտեմարտութեան
կրկէսը
նետուելու:
Կենդանիի,
աշխած
ու
շեռոտ
նոխազի
բարկ
հոտ
մը
զարկաւ
Սողոմին
քիթին:
Մէջտեղ
ելան
ծերունիին
թեւերը,
աղօտ
կաշիէն
տառապէս
խարտըւած
ու
խաշած,
պիսակ-պիսակ:
Բան
մը
կրծած
էր
անոնց
միսերը,
ոսկորներուն
տալով
պատկերը
որդերէ
գզուած
փայտ
իլիկներու:
Զանոնք
ըրաւ
ետ-առաջ
ու
փտուկ
փայտի
խուլ
խշրտուք
մը
անցաւ
Սողոմին
ականջներէն:
Վէրքեր,
կոճակ-կոճակ,
սեւ
ու
կարմիր:
Բորո՛տ:
Այսպէս
կացուած,
խայտոտ,
ու
հերկուած`
մինչեւ
դեղնութիւնը
ոսկորներուն,
սարսափելի
էր
անիկա,
քան
անապատի
բոլոր
սուրբերը,
որոնց
մարմինը
կը
պակսէր
իրենց
հեքիաթներէն:
-Գլոխն
է:
-Գլո՞խը:
Սողոմը
ն
այեցաւ
չորս
դին
ու
անոր
զարմանքը
կը
լայննար,
թելադրուած
մերկ
թեւերուն
սառուցիչ
նկարէն:
Չէր
տեսներ
բան
մը,
որ
մօտ
ըլլար
գլուխի
մը
եւ
կը
նեղուէր
չհասկնալով:
-Հա՛,
անոր:
Ոտքը
դպաւ
բողկին,
տարօրէն
զգոյշ
ու
վախկոտ:
Յետոյ`
եղերական
տրտմութեամբ
մը.
-Անոր
գլուխը:
-Որո՞ւ:
-Եղիային:
Խե՞նթ
էր
այս
մարդը:
Շփեց
ականջները,
աչքերը
սեւեռ
կարմրուկ
բողկին:
Բայց
ուրկէ
ո՛ւր,
անոր
այցելեց
նմանութիւն
մը
գետնի
բողկէն
ու
Եղիա
մարգարէին
գլուխէն:
Այդ
օրերուն
գեղի
դպրոցներուն
մէջ
ազգային
պատմութիւնը
փոխարինուած
էր
սրբազան
պատմութեամ
բ:
Գիրքը`
որուն
վրայ
կը
դողար
Սողոմենց
Սողոմը,
շատ
մը
պատկերներ
կը
պարունակէր,
որոնցմէ
մէկը
կը
ներկայէր
զարհուրելի
մարգարէն
երկինքէն
բոց
իջեցնելու
համար
ատամներն
ու
կռուփները
սեղմած,
բայց
գլուխէն
ճղճիմ,
տարօրէն
փոքր,
խոտոր
համեմատող
անկիւնոտ
ու
գիշատիչ
անո
ր
դէմքին:
Խոշոր
բողկ
մը`
ինչպէս
սրախօսած
էին
ատենին
դպրատունը,
թէեւ
վախով:
Պատկերին
ճերմակ
մասը
-
այսինքն`
ամբողջ
գանկը
-
տղեկ
մը
ներկած
էր
Զատկուան
կամիրով,
հաւկիթ
մը
հանելու
համար
անոր
ձուաձեւէն:
Այդ
իսկ
յարդարանքով
գլուխը
առած
էր
նմանութիւնը
բողկին,
կոթէն
այդպէս
բարակ
ու
ամրօրէն
տեղաւորուած
տնկուած
ուսերուն
ակօսին:
Այս
վերյիշումները
րոպէ
մը
գրաւեցին
անոր
ուշը:
Յետոյ
փորձեց
պատկերը
հանել
դուրս
ու
դնել
Սամունին,
բայց
յիմարութիւն
մը
ընելու
վախը
արգիլեց
զինքը:
Ու
կը
զսպէր
ինքզինքը
խօսքէ
ու
խնդուքէ,
պինչերը
սեղմած
մատներուն
ներքեւ,
ջախջախելով
ժպիտի
ոլորքները,
որոնք
ձեւի
կ՚ելլէին:
-Եղիային,
տղա՛ս:
Սամունն
էր`
հաւաքած
ինքզինքը:
Երկարող
լռութիւնը
երբեմն
կ՚ուժաւորէ
մեր
վարանոտ
խղճահարութիւնը:
Ու
անոր
վերջին
բառը
թաց
էր
ու
գորովոտ,
իրական
հօր
մը
բերնէն,
որ
չի
կրնար
մո
ռնալ
իր
թաղած
զաւակը,
տարիներ
ետքն
ալ:
Արցունքը
ինկաւ
անոր
աչքերէն,
դեղին
յատակէն
քիչ
մը
պղտոր
բխումով:
Ինչո՞ւ
կու
լար:
«Երկու
թուրի
մէջ»`
Սողոմը,
յուզուած`
ինչպէս
խորապէս
շահագրգռուած,
կը
զգուշանար
խօսքէ:
-Ամէն
օր
հեղ
մը
ուտել
կու
տան:
-Ո՞վ:
-Անոնք:
Կը
նա
յէր
քիչ
մը
բաց,
վարանոտ
ու
համեստ,
մէկը
չբարկացնելու
յայտնի
հոգով
մը:
Ու
անհուն
էր
անձուկը
անոր
երեսին:
Ու
վախէն
հալած
պաղատանք
էին
անոր
աչքերը
արցունքէն
նեղուած,
որոնք
կը
մշուշէին
աղաչանքը,
որ
մեր
նայուածքը
կ՚ընէ
երբեմն
այնքան
սրտառուչ
ու
կը
յուզէ
մեր
դէմ
ին
ը:
Բայց
ինչ
որ
ուշագրաւ
էր
ամէնէն
աւելի,
ուրիշներէն
օգնութիւն
սպասողի
իր
նկուն,
սայթաքուն
վիճակն
էր,
սանկ
փաթթուիլը
մարդուն,
որուն
մէկ
ոտքը
ներս
է
անդունդէն
ու
թեւերով
կը
պլլուի
շրթունքի
թուփին:
Դիւրին,
երազներու
մէջ
պատահական
արագութեամբ
մը
այս
պատկերնե
րը
կը
փոխուէին
անոր
երեսէն:
Յաջորդութիւն
ըլլալէ
աւելի,
բոլորին
ալ
համերանգ
խորքի
մը
վրայ
համակարգ
ծաւալո՛ւմը,
որ
ջուրին
մէջ
մտնելէ
առաջ
մարդոց
դէմքերը
կ՚ընէ
աշխարհին
ամէնէն
եղերական
տեսիլքներէն
մէկը:
Ուրիշ
չեն
նաեւ
դէմքերը
անոնց,
որոնք
դանակին
կ՚երկարեն
իրենց
գլուխները:
-Ինչո՞ւ
կ՚ուզես:
Հարցուցած
ըլլալու
համար,
ընդմիջեց
Սողոմը,
որ
սրտէն
գալարուած
կը
հետեւէր
Սամունին,
ու
անոր
երեսներէն
եկած
ու
անցած
վրդովումներուն:
-Դո՛ւն
եղիր`
մ՚ուտեր:
-Ի՞նչ
է
կերածդ:
-Գլոխը
տղուս:
Սողոմէն
դարձեալ
վրիպեցաւ
իմաստը
այդ
պարզ,
հա
սարակ
բառերուն:
Արտաբերումը,
սարսուռը,
որուն
անցքը,
քայլքը
զգալի
էր
դուրսէն
ու
անոր
մատը`
ինչպէս
թարթիչները
կը
ձգէր
իր
հոսանքին
մէջ,
ըսուածքի
պարզութիւնը
ու
ձայնին
ընկեր
գունաթափ,
անկարող
լքումը
կը
պահէին
այդ
պատկերը
մարդկեղէն
գոյնի,
կաղապարի
մէջ,
որպէս
զի
Սողոմը
խորհէր
իր
չտեսած
խենթութեան:
Տարակոյսը
այցելեց
իրեն,
բայց
յիմարութեան
դասական
նշանները
ու
սա
թոռմած
դդումը
անհաշտ
էին
անոր
միտքին
մէջ:
Ինչպէ՞ս
գիտնար
անիկա,
թէ
խենթերը
իրարու
չեն
նմանիր`
ինչպէս
չեն
նմանիր
դաշտի
ծաղիկները:
Մնաց
որ,
այս
տեսարանումը,
տարիներու
կրկնումովը,
վերածուեր
էր
Սամունին
շատ
բնական
մէկ
արտայայտութեան:
Խենթերը
կը
կրեն
իրենց
մտապատկերները
ոչ-խենթերու
նման,
երբ
ծալքի
մտնէ
ուղեղը,
այսինքն`
գլանը
ընդունի
այցելուներուն:
Ստոյգ
իմա՞ստը
«գլուխ
ուտել»
բացատրութեան:
-Դուն
եղիր
տէ
`
մ՚ուտեր:
Կրկնեց
անիկա
ու
կղպեց
աչքերը:
Երկու
բթամատերուն
միջնայօդի
ոսկորները
խցանի
պէս
մխելով
անոնց
փոսիկին:
Դուռ
մը
աւելի
զգուշութեամբ
պիտի
չգոցուէր:
Որո՞ւ
դէմ:
Նոյն
ատեն
անոր
առաջ
ծռած
դէմքէն,
ինչպէս
կը
պատահի,
երբ
մենէ
ուժով
թաթ
մը
կը
ծանրանայ
մեր
ծոծրակին,
անոր
շրթները,
իրենց
անկիւնակապերուն
վրայ
պրկուած
անտես
բանալիէ
մը,
կը
կլորնային
իրենց
կեդրոնէն,
շինելու
համար
նեղկուկ
անցք
մը:
Այդ
վիճակին
մէջ,
անոր
բերնին
ձեւը
նման
էր
ուլականջի
մը
խեփորին,
բռնի
բացուած:
Սարսա՛փ,
անոր
մօրուքին
թանձր
ալիքը
տարտղնելու,
լարելո
ւ
չափ
ուժգին:
Զզուա՛նք`
որ
անոր
երեսի
ակօսները
օձի
կռնակներու
նման
սողալու
կը
հանէր
կարծես
ու
տագնապի
կը
մատնէր
ամբողջ
արտայայտութիւնը:
Յետոյ`
ուժին
տակ
ընկրկում:
Ու
բառեր.
բեկո՛ր,
աղաչագին
ու
խեղճ,
բայց
բաւական,
որպէսզի
երեսին
կատարուող
տեսիլքը
չմնար
առեղծուած:
Այս
ցուցմունքին
համեմատ
անտես
մատներ
անոր
բերնի
բացուածքին
դրին
աչքերը
իր
միամեայ
մանկիկին,
որ
մեռած
էր
մօրը
ծոցին,
ասոր
հետ
պատուհանէն
վար
նետուելէ
ետքը:
Ու
անզօրութիւնը
մարդերու
խիղճին:
Անիկա
ընդունեց
այդ
աչուկները
ո՛չ
իբրեւ
մեռելի,
այլ`
իբրեւ
ողջ
ի,
խիղճի
խայթէն
աւելի
հզօր
ցաւով
մը
խորովուած:
Ու
կ՚ուտէր
անիկա
իր
տղուն
կեանքը,
այդպէս
մանրադիր:
Յաջորդեց
ծամելու
պատկերը:
Իր
բառով`
աղօնը,
աղօրիքներով:
Ու
սոսկալի
բան
էր
լսել
խուլ
աղացուիլը
միսին,
որ
փշուր-փշուր,
ինչպէս
տան
երկանաքարէ
մը
կը
յորդէր
դուրս
հերձատամներուն
քակուած
ցանկապատէն:
Յետոյ`
լեզուով
լորձնում:
Կուլ
տուաւ
անիկա
ու
լռեց:
Պատկերը
կը
մնար
պարզ
ու
ընտանի:
Արեւը
խաղաղութիւն
էր
ու
արիւն:
Սօսին
բիւրեղեայ
նուագ,
հո՜վը`
ա՛յնքան,
ո՛րքան
էր
պէտք,
զգալի
ընելու
համար
թեւերը
հրեշտակապետին,
տիրապետող
դէմքը
երեւոյթին:
Բացաւ
բերանը:
Նոյն
անտես
մատները
հոն
դրին
միսը
իր
կծիկին,
որուն
խմորը
կը
կպրանար,
կը
ձիւթոտէր
ու
կը
փակչէր
անոր
լինտերուն,
իբր
ամէնէն
աղտոտ,
գարշագին
բանը
աղտի
այս
աշխարհին:
Ու
անոր
դէմքը
անցաւ
աքցանումի
ու
փշաքաղումի
նոյն
զգայութիւններէն:
Սա
րսափին
կը
խառնուէր
բարկութեան
նուաղ
հով
մը:
Ու
հակառակ
հրեշտակապետին
ճնշումին`
անիկա
յօնքերը
կը
պռստէր
ու
խուլ
քրթմնջիւնով
կ՚ընկերացնէր
ծամելու
գործը:
Ո՞վ
էր
յանցաւորը
աղէտին:
Երրորդ
անգամ
բացաւ
անիկա
թշուառական
իր
բերանը:
Ու
նոյն
մատները
հոն
նետեցին
ամո
րձ
իքները
իր
աղբօրը:
Կցկտուր
նախադասութիւններ,
հետզհետէ
ամբողջացող
բառեր
կը
լուսաւորէին
դժոխագիր
այս
հաղորդութիւնը:
Ու,
անտես
թելադրութեան
մը
ներքեւ`
Սամունը
կը
կրկնէր
տղու
նման
հեգելով
բառերը,
որոնք
յայտնութիւն
կամ
խոստովանանք,
իմաստ
մը
կու
տային
հինցած
տր
ամ
ին:
Պատմելու
շնչատ
կերպը,
շարժուձեւով
պաշտպանուած,
կ՚ըսէ
նո՛յնքան,
ո՛րքան
լիալիր
կերպը:
Ագռաւ
մը
ուրուացաւ
սօսիին
գագաթին:
Ու
դիակի
հոտ
մը
բռնացաւ
անոնց
ուղեղին:
Սամիկ
Սամունը
մահէն
վախնալուն
չափ
կը
վախնար
սեւ
թռչունէն,
որ
ձգած
գեղը,
զայն
եզերող
աղբանոցն
երը,
կու
գար
թառելու
սօսիին,
իր
դիակը
սպասող,
խուզարկու
ձեւով
մը
երկարած
կտուցը
դէպի
ծերունին:
Ամէն
օր,
անգամ
մը
փնտռելէ
ետքը,
կը
սուզուէր
վար,
անհանգիստ
ու
նկուն
ընելով
ծերուկին
սիրտը:
-Մերե՛թ:
Չկրցաւ
զսպել
անէծքի
բառը:
Այս
բացագանչութեամբ
անիկա
ազատել
կը
կ
արծէր
իր
մեռելը
պատառող
այդ
կտուցէն:
Գրուած
էր,
որ
մեռնէր
ինքը
իր
ճգնարանին
մէջ:
Կ՚ընդունէր
այդ
պատգամը:
Բայց
չէր
հաշտուած
անօրէն
թռչունին
անհամբեր
ախորժակին
հետ:
Աւարտա՞ծ
այս
դժնդակ
խոստովանութիւնը:
Հոգեվարքը
գեղերուն
մէջ
ունի
այս
կարգի
մերկացումներ:
Եր
իտ
ասարդութեան
մեղքը,
որուն
դիակը
ընկղմած
կը
պահուի
կեանքին
ու
սեռին
յորդ
ալիքներուն
ներքեւ,
յիսունէն
ետքը
քիչ-քիչ
կ՚ելլէ
վեր,
դէպի
երես:
Ամէնօրեայ
եկեղեցին,
գիշերային
պատմումները,
մահուան
մօտիկութիւնը
մշտական
տեսիլքի
մը
պէս
մեղաւորին
աչքին
կը
բռնեն
մեղքը,
որ
կ՚ուժովնայ
ու
մինչեւ
հոգեվարք
կ՚ամբողջանայ
իր
ուրուային
շէնքին
վրայ:
Այդ
է
պատճառը,
որ
հոգին
յանձնելու
գործը
երբեմն
օրեր
կը
տեւէ:
Սամիկ
Սամունը
մօտեցա՞ծ
էր
դրան:
Հագաւ
կրկին
վերարկուն,
որով
մէջտեղէն
կը
վերնային
բորոտ,
ահաւոր
անոր
թեւերը:
Բաց`
աչքերը:
Առ
աւ
գետնէն
բողկը,
պարպուած
իր
յուռութքէն:
Դէպի
պարզ
պատմումը
անիկա
եղաւ
հանդարտ:
Ըրաւ
ատիկա,
մարդկօրէն,
սատանային
ճիտին
փաթթելով
ամբողջ
բեռը
իր
արարքին:
Այս
յաւելուածով`
անիկա
լրացուց
ինչ
որ
դեռ
կը
մնար
թերի
այս
ամէնէն:
Իր
գաղտնիքը
իր
առջին`
անիկա
կը
նմանէ
ր
մերկացուած
պառաւի:
Եղկելի
ու
արգահատելի
հաւասարապէս:
Քառորդ
ժամը
բաւ
է
եղեր,
որպէսզի
մարգարէ,
եօթն
հեղ
սուրբ,
աստուածամերձ
գուշակ,
սիրտեր
կարդացող
Սամիկ
Սամունը
կործանէր
ի
սպառ
ու
իր
երիտասարդութեան
ոճիրին
վրայ,
մնար
ծնրադիր`
ինչպէս
աւերակներու
ոգի
մը,
որ
բզիկ-բզիկ
փուլ
եկած
գեղեցիկ
պալատի
մը
գետնամած
սիւնին,
կը
նայի
անթարթ
ու
չի
հասկնար:
Ամբողջական
ու
յստակ
այս
տախտապարումը:
Խօսելու
ստիպուած
էր
անիկա
դանակին
տակը
Միքայէլ
հրեշտակապետին
ու
անոր
նիզակին
ներքեւ
ընդունած
միսին
կտորները
սեւեռուն
մատներէն:
Քառս
ու
ն
տարիէ
ի
վեր
անկուշտ
տզրուկի
մը
նման
իր
սրտին
փակած
սա
գաղտնիքը
այսպէս
թափելով
դուրս,
անիկա
մէկէն
թեթեւ
գտաւ
ինքզինքը:
Կարծես
հոգիին
խորէն
վերցուած
ըլլար
դագաղ
մը
մեղք:
Այս
թեթեւացումը
անդրադարձաւ
տանջահար
անոր
դէմքին,
ուր
խաղաղութիւնը
կը
հանգչէր
մարդկօ
րէն
եւ
ոչ
հրաշալիին
անկիւնէն:
-
Դա՞սը:
Բայց
պարզ
էր
անիկա:
Աստուա՞ծ
կը
ղրկէր
Սողոմենց
տղան,
թէ
սատանան:
Գիշերը
պիտի
տար
պատասխանը
այս
հարցումին:
Սողոմենց
տղան
ապրած
էր
բաւական,
գոնէ
հոտուըտալու
չափ
իմաստը
այս
տրամին:
Ու
Սամունին
մէկ
պարբերութիւնը
տարօրէն
կ
ը
լայնացնէր
պարզ
այս
պատահումը:
Ծերունին
կը
հաւատար,
թէ
աշխարհքին
ամէն
մէկ
քարին
տակ
կը
հանգչէր
իրենին
նմանող
ու
աւելի
ալ
վար
ողբերգութիւն
մը:
Մարդը
գազան
է,
ու
ամէն
տեղ
է
անիկա:
Ու
անոր
ճիրաններուն
մէջ
ժամանակը`
խեղճուկ
կտաւ:
Դարերը
դիւրին
չէ,
որ
կը
շրջու
ին
ու
տարին,
օրերու
իր
շղթային
մէջ
չի
փախցներ
առիթը:
Անիկա
ծովերէն
անդին
ու
ծովերէն
ասդին
ով
գիտէ
որքա՜ն
ձեռքերու
մահ
ու
դանակ
կը
դնէ
սիրականներուն
մա՛նաւանդ
դէպի
սիրտը:
Անսասան
էր
Սամունին
վստահութիւնը
այս
կէտին:
Անշուշտ
զգում
էին
մարդիկ,
հասկնալու
այն
զսպանակները,
որոնք
Չարիքը
այսպէս
հանդերձած
էին
մարդոց
կրունկին:
Անշուշտ
մարդկային
բան
էր
տակաւին
հաւատալ
պատուհասին,
որ
կը
հաւասարակշռէր
մարդերուն
սա
անսփոփ
թշուառութիւնը,
մեղքէն
նուաճուելու
ու
երկինքէն
չհրաժարելու
դժնդակ
ճակատագիրը:
Ու
արդար
էր,
որ
իր
քաւութիւնը
սկիզբ
առնէր
դեռ
այս
աշխարհէն:
Փարատեցան
խոստովանանքին
«անհանճար
տրտմութիւնները»
ու
քաղցր
հաճոյքի
լայն
երանգ
մը
կը
մեղմէր
անոր
արտայայտութիւնը
հետզհետէ,
երբ
սաղմոսէ
սաղմոս,
առակէ
առակ
անիկա
մտաւ
Աստուծոյ
ճամբաներուն
մռայլ
բաւիղները:
Զինքը
մտիկ
ընող
մը
պիտի
սիրէր
այս
հաստատ,
գեղջուկ
միսթիքականութիւնը,
որոշ
հեռանկարով,
շահով:
Անիկա
կը
հաւատար
իր
ճգնութեան
իմաստին:
Արտակարգ
պատահարները,
անգամ
մը
միջոցին
մէջ
զետեղուելէ
ետքը,
կը
թեթեւնան
իրենց
զարտուղի,
վիրաւորիչ
կողմերէն:
Նախաոճիրը
անշուշտ
աւելի
դժնդակ
է,
քան
վերջազիղջը:
Մտածման
իր
խեղճուկ
գործիքը
տանելով
աւելի
առաջ`
Սամիկ
Սամունը
հաստատապէս
գիտէր,
որ
մարդոց
ստուարագոյն
մասը
թաթին
ու
շապիկին
տակն
էր
մեղքին,
որ
դուրսի
աշխարհին
պատկերն
է
մարդէն
ներս:
Ա՛ն
աշխարհին`
զոր
կը
յօրինեն
մեզմէ
անհաս
ուժեր,
-
հովն
ու
ձիւնը,
կրակն
ու
ջուրը,
շարժն
ու
պատերազմները:
(Անուանեցի
մեծ
զսպանակները
մարդոց,
մինչեւ
նոր
ժամանակներու
մուտքը):
Ո՞վ
էր
հեղինակը
այս
չարիքներուն:
Բայց
ո՜վ`
մա՛նաւանդ
հեղինակը
մեր
իսկ
ոճիրներուն:
Ինչո՞ւ
աս
մէկը
ծնի
հեզ
ու
գողտր,
ու
ան
միւսը`
լիրբ
ու
գազան:
Ինչո՞ւ
աս
ազգը
ըլլայ
անուշ
ու
հողը
փոխէ
ոսկիի,
ու
ան
միւսը
ըլլայ
դաժան
ու
ոսկին
վերածէ
կուպր
ու
աղբի:
Առտուն
գառնուկի
պէս
տունէն
դաշտ
իջնող
տղան,
ինչո՞ւ,
իրկունը
դառնար
անկէ
գայլի
կզակով:
Առանց
արատի,
մօրը
ծոցէն
աշխատանքի
դրուած
պատանին,
ինչո՞ւ,
քանի
մը
տարուան
մէջ,
պլլուէր
մեղքին
ու
տունին
խաթունին
ծոցը
մտնէ՜ր:
(Սողոմը
նայեցաւ
առջին):
Ինչո՞ւ
վարդի
պէս
անհուպ
աղջիկը
բացուէր
պիղծ
ու
օտար
ցօղերու,
ու
կինը
խաբէր
այնքան
դիւրութեամբ
ծոցի
էրիկը,
ուրանար
մեղքը,
լողար
անոր
մէջ
ու
մուշտակաւոր
ժամ
վազէր
Ս.
Հաղորդութեան:
(Սողոմը
կը
նեղուէր):
Կը
խաբենք
հեշտանքով:
Կը
սպաննենք
սիրով:
Կը
ստորանանանք
հաճոյքով
ու
վայելք,
գեղեցկութիւն
ալ
կը
դնենք
մեր
անձը
խորտակող
ամէն
նուաստ
արարքի
մէջ:
Բոլոր
այս
դատումները
Սամունին
մէջ
վերացում
ըլլալէ
աւելի`
համառօտում,
եզրակացութիւններ
էին
բազմահազար
դէպքերէ:
Ե՞րբ`
քններ
ու
դասաւորեր
այս
ամէնը:
Բայց
մինակ
ոճիր
մը
երբեմն
յիսուն
իմաստութիւն
կը
հերքէ:
Անոր
բառերէն
կը
պարզուէր,
որ
գեղը,
մինչեւ
իր
խորագոյն
ու
նրբագոյն
յուզումները
կը
մնար
դեռ
ողջ,
այս
մարդուն
կաշեպատ
միսերուն
տակ:
Ու
տարիներու
ճգնութիւնը
բարակ
փոշիով
մը
միայն
ալեւորած
էր
անիւները
անոր
կիրքերուն,
զսպանակները
զգայարանքներուն:
Ու
գիտցէք,
ողջ
են
գեղերը,
այսինքն`
թանձրագոյն
մեղքերը
մենէ
բոլորին
ալ
մէջը,
ո՛րը
մետաքսով,
ո՛րը
քուրձով,
հոտած
կամ
շլացիկ,
որդնոտ
կամ
պուպրիկ,
մանկամարդ
կնոջ
մը
նման
տարփաւէտ
ու
ծերուկի
մը
պէս
պապաջուն
դէպի
սեռը,
շրթունքը:
Բայց
մէկէն
կ՚իյնար
մարգարէական
խստութիւն`
թէ՛
ձայնին
եւ
թէ
դատումին
մէջը,
երբ
կը
ծանրանար
կիներու
մեղքին:
Իր
ողբերգութիւնը
ձգելէ
առաջ
ճակատագրին
անիւին,
որպէսզի
գզուէր
աղտոտ
բամպակի
պէս,
անիկա
կը
զարմանար,
ընդարձակ
զարմանքով
դեւին,
որ
մարմինն
է
կիներուն:
Անապատականի
դաժան
վաւաշը
դիւրին
էր
կարդալ
այս
կատաղի
յարձակումին
տակ:
Անոր
այդ
գորշ
ակնոցին
տակ
կը
չքանային
կիներուն
արտաքին
ցուցմունքները,
գոյնէ,
միսէ,
աչքէ
ու
բիւրազան
ուրիշ
հրապոյրներէ
ու
կ՚ըլլայի
ն
մէկ
ու
նման,
-
սեւն
ու
ճերմակը,
շնորհալին
ու
անկէ
զուրկը:
Տարօրինակ
էր,
որ
չխօսեցաւ
իր
կնիկէն,
զոր
ամէն
օր
հեղ
մը
թուքի
մէջ
կը
խղդէր
ածուխ
իր
միսին`
ինչպէս
հոգիին
համար:
Թէեւ
ամէն
օր
ըլլար
մտածած
անկարելի
այն
պատահմունքին,
որ
տգեղութիւնն
է
կիներու
վրայ,
բայց
նոյն
ատեն
անհուն
ձգողութիւն:
Ասկէ
դէպի
տարփանքը,
բայց
խելայեղն
ու
ոճրարարը
ճամբա՞ն:
Կայ
անիկա
ու
անհաս
են
անոր
ճամբաները
մեր
միջոցներուն:
Չե՞ն
եղած
ճիւաղի
մարմինով
կիներ,
որոնք
ներշնչած
ըլլան
ամէնէն
անըմբռնելի
զգլխանքը:
Գեղը
շատ
չի
ծանրանար
աղուոր
կին
երուն
իր
երգերուն
մէջ,
երբ
կը
գովէ
գինովութիւնը
զգայարանքներուն:
Ու
յայտնապէս
կը
շեշտէ
արտասովոր
համը,
որ
միսերունն
է:
Տխեղծը,
տգեղը,
ծուռումուռը,
խեղը,
նոյնիսկ
խենթը
կը
գրգռեն
անասնական
կիրքեր:
Այդ
խօթացած
մարմինները
երբեմն
գերաճուն
զգայարանքի
մը
վրայ
կը
փոխադրեն
հոգեկան
ցօղը,
արոմը
(arome)
ու
ատով
կը
տիրեն,
ստուերի
մէջ
թաղելով
իրենց
պակասները:
Ու
գեղը
կ՚երգէ
անոնց
հրահրած
հզօր
խենթութիւնները:
Բայց
տխեղծ
կամ
ոչ,
կինը
պահեր
ունի,
որոնց
ոլորտէն
անիկա
կ՚ազդէ`
ինչպէս
ճակատագիրը,
այսինքն`
կոյր
ու
վերջնական:
Այդ
պահերուն
տղոց
սիրտը
աճած
խմորի
կը
նմանի
անոնց
ափին:
Եւ
անոնք
կը
խաբեն
ու
կ՚ուրանան
անպատում
բնականութեամբ:
Յիմար
է
մարդը,
որ
հաւատք
կը
դնէ
փտած
այդ
նաւակին,
կիներու
ծոցին:
Աւելի
յիմար
ա՛ն`
որ
անոնց
սիրոյն
մեղքի
կը
մտնէ՛:
Վասնզի
նոյն
այդ
հրաշքով,
անոնց
ծոցէն
դէպի
ոճիրը`
ճամբա՜ն
կամար
է
ոսկի:
Տղաքը,
աչքերնին
մշուշ,
կը
մտնեն
տակը
այդ
կամարներուն
ու
կ՚արթննան
արիւնի,
առնըւազն
աղբիւսի
մէջ:
Քանի՛
կը
խօսէր,
ա՛յնքան
կը
բացուէր
անոր
հոգեկան
հորիզոնը:
Այնքա՛ն
միւս
կողմէն
կ՚անձկանար
հոգին
Սողոմենց
տղուն:
Նոյն
ատեն
տե
սակ
մը
տխուր,
ծեծուած
անկեղծութիւն
անկէ`
զոր
մեղքի
նոյն
սանդին
մէջ
տրորուածները
կ՚ունենան
իրարու
դէմ.
իրենց
մեծութիւններուն
կը
պարագայէր
այս
խորհրդածութիւնները,
կը
գունաւորէր
ու
կը
տեղաւորէր
երկուքին
ալ
գլխուն:
Մահամերձը
դուրս
է
ձեւէն:
Սամունը
կրնար
յանձնել
իր
հոգին
մէկ
գիշեր
ետքը:
Վճարուա՞ծ:
Քաջութիւն
էր
պէտք
նման
ստուգութեան
մը
համար:
Իր
ետին`
քառսուն
տարուան
միապաղաղ
ճգնում:
Անկէ
աւելի
վար`
երկնանուէր
պատանութիւն:
Երկուքին
մէջտեղը`
ճարմանդ
մը,
սեւուկ
կնիկի
մը
միսէն
ու
գերեզմանի
մանրանկարներ:
Բայց
այդ
ճար
մանդը
հզօր
էր
գոյնէն
ու
կը
նետէր
իր
ցոլքը
քառսուն
տարիներուն
ընդարձակ
տափաստանին
ու
կը
ջնջէր
շնորհն
ու
իմաստը
անոր
պատանութեան:
Անբաւակա՞ն
ուրեմն
իր
աղօթքները,
զրկանքը,
հրաշքները,
լուալու
համար
կուպրի
որոշ
այն
փայլը,
բանաստեղծ
մը
պիտի
ախորժէր
ըսելէ`
փողփողումը,
որ
յատակն
էր
կազմեր
անոր
օրերուն,
ու
մինչեւ
զղջումի
սա
տեսարանին:
Սամունը
պիտի
չգիտնար
ընթացիկ
պատահմունքը,
որուն
համեմատ
մեր
ապրումները
երբ
ենթարկուին
տեւողութեան
միակերպ
թմրումին,
հարկադրաբար
փոխուին
պիտի
իրենց
հիւսուածային
յօրինման
մէջ
ու
պիտի
հագ
նին
ստուերամոյնքը
մեր
հոգեկան
խարիսխներուն:
Ա՛ն`
որ
քառսուն
տարի
հող
է
կործած
բահովը
կամ
թիովը,
հացն
անգամ
պիտի
տեսնէ
անոր
երանգով:
Ա՛ն`
որ
քառսուն
տարի
մեղքի
մը
մշուշին
դէմ
պաշտպանած
է
իր
զգայարանքները,
հանգիստն
անգամ
պիտի
շփոթէ
մեղքին
հետ:
Չաղօթելը
մե՜ղք
է:
Ու
Սամիկ
Սամունը
չէր
գտած
ճամբան,
որ
կը
մաքրէ
իր
մեղքերը:
Միակ
իր
մխիթարութիւնը,
գիրքերն
ու
հեքիաթնե՜րը,
որոնց
մէջ
իրեն
չափ
մեղաւորներ,
նոյնիսկ
աւելիներ,
այսինքն`
կուռքերու
պաշտօն
ընծայողներ:
Աստուծոյ
դէմ
սատանային
հետ
դաշինք
կնքողներ,
եւ
կամ
ուրիշներ,
իրենց
մարմինը
մեղքին
աղբովը
պարարելէ
ետքը,
իրենց
հոգին
հոգին
ալ
ժանգի
կապողներ,
որոնք
ազատեր
էին
սանդարամետէն
ու
կուպրը
կը
փոխէին
ոսկիի:
Օրինակնե՞ր:
-
Ո՞վ
աւելի
շատ
մեղք
է
հնարած,
քան
ինքը,
սաղմոսերգուն:
Ու
մեծ
սուրբերը
հեթանոս
դարերու,
որոնք
աշխարհքին
հա
մերէն
իրենց
ակռաները
փտեցնելէ
ետքը
ինկեր
էին
անապատ
ու
փակած
իրենց
հաշիւը
կեանքին
հետ,
անհուն
վաստակով:
Անառակ
որդի՞ն:
Անշու՛շտ:
Ու
բոլոր
անառակները,
Այս
պատրանքը
իր
երկսայրի
երեսներովը
-
դէպի
դժոխք
ու
դէպի
դրախտ
-
անհրաժեշտ
էր,
որպէսզի,
գերեզմանի
մուտքին,
քաղցր
սփոփանքով,
փակէր
անիկա
մեծ
ողբերգութիւնն
իր
կեանքին,
խորտակուած
արշալոյսէն
իսկ:
Չեմ
գիտեր
ուրիշներ,
այսինքն`
Սամուն
չեղողները
ի՛նչ
պիտի
գտնեն
իրենց
աչքին
դէմ,
երբ
երկու
աշխարհներու
սահմանագիծին
կենան
վերջին
անգամ
ու
ջանան
տեսնել:
Սամունին
ուժերուն
աշխարհիկ
նուազումին
դէմ,
յայտ
է,
որ
կ՚աճէր
միւսը,
ա՛ն`
որ
իբր
հեռադիտակի
մը
գլանէն
կ՚առնէր
շառայլները
միւս
աշխարհներուն,
լոյսի
ու
կուպրի
հաւասարապէս:
Ու
կ՚ըսէր
անիկա,
-
Խոտն
աւելի
երջանիկ
է,
քան
սիրտը
ամէնէն
երջանիկ
մարդուն:
Անցաւոր
է
աշխարհին
վրայ
ամէն
բան,
ամէնէն
առաջ
կնոջ
մարմինը:
Վնասակար
է
ուժգին
ամէն
ձգողութիւն,
ամէնէն
առաջ
ա՛ն`
որ
կիներուն
աչքէն
ու
յիշատակէն
ողջ
կ՚ապրի
մեր
մէջ
ու
մեզ
խենթ
կ՚ընէ:
Ցուրտ
է
ձի՜ւնը,
բայց
տարիք
կու
տայ:
Ամէնէն
ճերմակ
կի՞նը,
-
փէշերով
արցունք
կամ
փուռերով
կրակ,
կամ
առու
արեան
եւ
կամ
փողոտում:
Քիչ
է
Յովհաննէս
Մկրտիչին
անէծքը:
Հեռու
կիներէ՜ն:
Հեռու
մա՛նաւանդ
անոնց
պատկերէն,
որ
աւելի
թունդ
է,
քան
անոնց
միսը:
Վա՜յ
անոր,
որ
կը
հալածուի
անոնց
պատկերէն:
Ու
կ՚ըսէր
Սամիկ
Սամունը.
-
Հանգիստ
թող
ընեն
ոսկորները,
վասնզի
կնիկներուն
կրակը
փոշի
կ՚ընէ,
երբ
կ՚անցնի
անոնց
բաւիղներէն:
Հանգիստ
թող
ընեն
տղոց
աչքերը,
վասնզի
անոնց
մետաքսը
կ՚այրի
կիներուն
բոցէն:
Պղպջա՛կ`
սա
երիտասարդութիւնը,
որուն
վրայ
այնքան
կը
դողդողանք:
Պղպջա՛կ`
քառսուն,
յիսուն,
հարիւր
տարին`
մարդու
մը
կեանքէն,
ու
դարերը
ազգերու
կրկէսէն:
Սողոմենց
տղան
շփէր
աչքերը,
ու
նայէր
երկինք:
Ու
նայէր
հօ՜րը,
զոր
կը
տեսնէր
ահա
Սամիկենց
Շմաւոնը,
անուժ
աչքերով,
բայց
կը
տեսնէր
հայլիի
նման:
Ու
նեղն
էր
անիկա,
Սողոմենց
Հայրապետը,
գլխիկը
ափին
ու
խոր
տագնապով:
Զաւակը
թաղող
հայր
մը
միայն
ատանկ
ճիտը
ծուռ
նստէր
պիտի
իր
տղուն
հողքին:
-Նեղն
է
երկինքը,
Սողոմենց
տղայ,
-
ըսաւ
անիկա
ու
վերջացուց
այս
խռովիչ
մենասացութիւնը:
Սողոմը
երկու
ձեռքերով
ծածկած
էր
վրանները
ականջներուն:
Բայց
շեփոր
մը
կը
պոռար
անոր
մէջ.
-Նեղն
է
պապադ,
պապա՛դ,
պապա՛դ…
……………………………………………………………………………………………………………
Երբ
Սողոմենց
տղան
դարձաւ
անտառին
առանձնութեանը,
արեւը
հաւաքած
էր
իր
լոյսը
ճամբաներէն
ու
բարձրադիր
գագաթներուն
վրայ
կարմիրները
կը
հոծնար:
Հող
ին
ու
արեւներուն
մեծ
մսուքը
ծայր
տուած:
Զարմացաւ
փուշ-փուշ
մսելուն:
Կարծես
պաղը
ասեղ-ասեղ
իյնար
իր
միսերուն:
Ընթացիկ
զգայութիւնները
իր
մէջ
ենթարկուած
էին
տեսակ
մը
ձեւազեղծման,
երկարումի,
աղօտայնութեան:
Ու
խոր
տրտմութիւն:
Ու
անդոհ`
որ
կը
կանխէ
մեծ
կործանումները:
Այս
նուաղումները
անիկա
չկապեց
լոյսի
պակասին
այն
գլխաւոր
պատճառով,
որ
ինքը
մեծ,
պայծառ
կրակ
էր
այդ
պահուն:
Խախտուա՛ծ
իր
միտքին
խարիսխներէն`
ինչպէս
մարմինին
զգայութիւններէն,
քալելով
իբր
մեծ
քար
մը,
զառիթափն
ի
վար,
անդո՜ւնդը:
Շատ
մօտիկն
էր
ան
լրիւ
խենթո
ւթեան:
Հազիւ
ուրուացաւ
ելքին
պատկերը,
որ
աղօտ
թուղթի
կտոր
մըն
էր,
մօտիկը
դրուած
իր
սա
վիճակին:
Ան
կը
քալէր
կորաքամակ,
մեծ
բեռան
մը
ներքեւ:
Ու
անոր
առջեւէն,
Սամունին
ողբերգութի՜ւնը,
որ
կը
լեցնէր
կիրճի
ձեւով
փոս
իր
ճամբան,
յորդած
հեղեղի
մը
նման,
ծեծելով
եզերքը
ու
արիւն
ու
թարախ
էր
իր
քշածը:
Ու
հեղեղին
վրայ`
սեւ,
սեւ
անոր
կնիկը,
որուն
արգանդէն
սկիզբ
կ՚առնէր
սա
տարօրինակ
շարժը:
Ու
հեղեղին
վրայ`
միւսները,
բանտի
տղաք,
իբր
խլեակներ,
նետուելով
աջ
ու
ձախ:
Ու
հեղեղին
վրայ
Սողոմենց
Սողոմը,
մինչեւ
դունչը
առնուած
պղտոր
հոսանքէն:
Ան
չէր
անդրադառնար,
որ
ժամեր
տեւող
այս
գրեթէ
կախարդապատում
տեսակցութենէն
ինչո՞ւ
միայն
կաղ,
մէկ
աչքէն
կոյր
ու
«դեւ»
այդ
կնիկին
պատկերը
կը
յամառէր
բխիլ
ու
դիմանալ:
Ո՞ր
հրաշքը
չքացուցեր
էր
սօսեսրահին
մեծ,
երկնային
խռովքները
ու
իմաստալից
դատումները
ու
վճիռները
Սամունին,
որ,
գեղջուկի
տարազով,
կը
բանաձեւէր
մեծերուն,
վաւերական
իմաստուններուն
փորձառութիւններն
այս
աշխարհէն:
Քանի՛
կ՚իջնար,
ա՛յնքան
իր
գերագրգռութիւնը
կ՚աճէր:
Երբ
հատան
լեռնային
նկարագիրները
ու
բլուրներուն
առաջին
կորութիւնները
գծագրուիլ
առին,
պատրաստուող
մութը
պատուհաս
ու
դժոխք
ուրուացուց,
բայց
անյաջող`
հակակշռելու
առքը
ներքին
պատկերին:
Սողոմէն
վեր
ուժեր
տգեղ
այդ
կնիկին
քով
մէկ
գիծի
դրին
Նալպանտենց
հարսը:
Այդ
անկիւնէն,
երկու
նկարները
կը
ստանային
ձգողութիւն
մը,
որ
վեր
էր
իր
ցարդ
զգացածներէն:
Այս
շոգեւորման
ընդմէջէն
անոնք
կորսնցուցած
էին
անձնաւորման
տարրերը
ու
կը
տպաւորէին
իբր
անանուն
առեղծուածը
անո՛ր`
որ
դարերը
լեցուց
ու
պատասխան
չունի
դեռ…:
Կէսօրուան
թթաստա՜նը,
հիմա
ողկուած
նկար,
ուրկէ
վերցուցած
ըլլան
ոսկորները:
Արտաքին
աշխարհին
այս
գունաթափումը
խոտոր
համեմատութեամբ
կը
զարգացնէր
անոր
ներսին
զարկերը:
Անոր
բոլոր
անդամները,
այսինքն`
զանոնք
գոյաւորող
թելերը
հրմշտուկին,
նիզակումին
տակն
էին
գերագոյն
այն
տագնապին,
որ
Սամունէն
արձակուած
անոր
կնիկովը
թափօրուող,
բայց
դէպի
Նալպանտենց
տունը
գլուխ
առած
ամբոխ
մը
կ՚ընէր
անոր
հոգին
բազմաբերան,
բայց
միակամ
ու
մահուան
ու
ողջակիզումի
համախառնուրդ
կրակովը
կը
ջահէր
անոր
ուղեղը
սա
մթնշաղին
ու
կը
լարէր
անոր
թեւերը
դէպի
լայն
պողոտաները
արիւնին
ու
սեռին:
Մտապատկերեց
պահը,
երբ
անոր,
Նալպանտենց
հարսին
մերկութիւնը
արիւնով
ներկելէ
ետքը,
պիտի
տար
կրակին
ալ
սրբագործ
հերկին…:
Բայց
անիկա
կը
զարհուրէր
իր
իսկ
ցաւէն:
Քանի՛
կ՚իջնէր
դէպի
գեղ,
ա՛յնքան
կը
ճշդուէր
այդ
տագնապին
թնճուկը,
-
արիւնի
ու
կրակի
առաձիգ
կծիկ
մը
կը
կլորնար
անոր
ուղեղին
մէջ,
շինուող
կայլակի
մը
նման,
որ
փլէր
ինք
իրեն:
Ոճի՞ր,
ի՛նչ
որ
կը
կաթէր
անկէ:
-Անշուշտ,
քանի
որ,
ինչպէս
կախարդական
կճեփէ
մը,
այդ
կծիկէն
կը
բերէր
Նալպանտենց
հարսը,
այնպէս
սրտառուչ,
այնպէս
քաղցր,
որ
մեղրի
համ
մը
կը
հոսէր
երակներն
ի
վար,
քիչ
ետքը
վերածուելու
համար
կծու,
այրող
ուրիշ
թելի,
դարձեալ
Նալպանտենց
հարսէն,
այս
անգամ
լիրբ,
հեգնող
իր
«բերանը
փաչատելու»
համար
լուսէ
մատները
կորաձեւ
երկարելով
դէպի
անկիւնակապերը
իր
շրթներուն:
Դպաւ
անիկա
բերանին,
վանելու
համար
պիղծ
հպումը:
Ոճի՞ր`
ինչ
որ
կը
կաթէր
այդ
կծիկէն:
Անշո՛ւշտ,
քանի
որ
հաճի
Աննան
կը
փրթէր
անոր
մէկ
ուրիշ
ծայրէն,
ու
Երուսաղէմ,
Ս.
Յարութիւն,
Ս.
Մսուր
պագած
իր
բերանովը
աշխարհին
աղբն
ու
որդերը
կը
տեղար
աղքատներուն,
անօթիներուն,
հոտած
բերաններուն:
Ոճի՞ր,
անկասկա՛ծ,
երբ
այդ
կծիկը
կ՚ըլլար
նոյն
ատեն
Նալպանտենց
Սերոբը,
որուն
ձեռքերը
կ՚երկարէին
մինչեւ
հարիւրապետներն
ու
թուրքերը…:
Սամուն,
երկինք,
դժոխք`
բոլորը
նետուած
երրորդ,
չորրորդ
փլանի:
Մութը
ինկած
էր
ա՛լ,
սեւ,
անանցելի
ձիւնի
մը
նման
ու
գերեզմանի
ճերմակ
քարերն
իսկ
հազիւ
իրենց
երկար,
քառանկիւն
պատանքները
կարող
էին
ազատել,
ձեւաւորել
անոր
հաստ
շղարշէն:
Գե
՜ղ
ը`
ներքի՛ն,
դեղին
ու
դողդոջ
լոյսերու
ցան
մը
միայն,
մութին
վստահած
վայելքն
ու
դաւը,
համբոյրն
ու
ողջակէզը,
միսն
ու
ուղեղին
ամբողջ
խաչելութիւնները:
Գե՜ղը`
ներքի՛ն,
բարի
ու
գողտր
անուններու
ձեւեր,
քոյր
ու
պզտիկ
եղբայրներ,
նշանած
ու
դեռ
հազարաւոր
պատկերներ,
մ
եծ
մասը
մարդոցմէ,
որոնց
նայեցանք
օր
մը
ու
անցանք:
Ինչո՞ւ
մտած
էր
մահուան
տունը,
երբ
իր
սրտէն
պրկուած
ջիղերուն
համար
երկնային
հեղումները
անժուժելի
պիտի
գային:
Չհարցուց
սակայն
այդ
ինչուն,
երբ
իր
սրունքները
ցատկեցին
պարիսպը
«մահուան
դաշտին»:
Լեռնէն
դէպի
գեղ
անոր
էջքը
խուլ
սպառնալիքին
տակն
էր
գայլերու
զոյգին,
որոնք
կը
հետեւէին
անոր,
կանխելով
ալ
զինքը
երբեմն,
անկիւնադարձներուն,
բայց
զգուշանալով
մօտենալու
անոր
դաշոյնին
հասողութեանը
մինչեւ:
Ի՞նչ
կ՚ուզէին
«չարագործ
գազան»ները,
գործածելու
համար
Յակոբ
Նահապետին
բառերը:
Լեռներէն
դէպի
գեղ
անոր
էջքը
ձգողութեան
տակն
էր
գնչուներուն
կրակին,
որ
գերեզմանին
աջին,
ընդարձակ
արօտէն
կը
փայլէր
ու
կը
տժգունէր,
բայց
կը
պահէր,
ամբո՛ղջ,
անոր
աչքերուն
դիմաց,
նկարը
խռովիչ
գուշակին,
որուն
ցոյց
տուած
ճամբան
սկիզբ
կ՚առնէր
Ս.
Ըռըստակէսի
սօսիէն:
Ո՞ւր:
…Միւս
կողմէ`
նոյն
այդ
էջքին
ատեն,
անիկա
ատեն-ատեն,
ունեցեր
էր,
այդ
աչքերուն
առջեւ
պաստառի
մը
կտորը,
ուր
ոսկեդիր
կը
վառէին
Սամիկ
Սամունին
վերջին
բառերը,
կայծկլտուն,
երբեմն
մեռելային
կապտութեամբ
յատակի
մը
վրայ:
Ու
այդ
կտաւը
այդպէս
բռնկած,
կը
նոյնանար
անոր
մէջ
տեսիլքի
մը
հետ,
զոր
կը
յիշէր
ունեցած
ըլլալ
ընթերցումէ
մը,
ասանկ
սեւաւոր
գիշեր
մը,
պատերազմէ
մը
առաջ
-
այսինքն`
արեան
ծովէ
մը
առաջ
-,
առաջին
քրիստոնեայ
կայսրը,
երբ
խաչին
քառաթեւը
կը
գտնէր
մութերուն
ալքէն:
Կիներու
հաւաքոյթի
մըն
էր
ըրած
այդ
ընթերցումը:
Օ՜,
ի՜նչ
տգեղ
էին
անոնց
դէմքերը,
երբ
կու
լային,
պառաւ
ու
փտած:
Յանկարծ
սարսռաց
անիկա:
Այդ
մռայլ
խաւերէն
անիկա
ինչպէս
զատեց
աչքերը
Նալպանտենց
հարսին,
որ
այդ
օրը
թաշկինակ
չունէր
ու
արցունքին
ասպարէզ
էր
տուեր
դողալու
վարի
թարթիչին
ու
ուշանալու
վառ
չարին
վրայ
անոր
այտերուն:
Ո՜վ
անգթութիւնը
մեր
յիշատակներուն,
որոնցմէ
դատապարտուած
ենք
հանդուրժելու
մեր
ամէնէն
տխուր
տառապանքները:
Չի
բաւեր
ըսել
ասիկա
ու
անցնիլ
անդին:
Պէտք
է
դիմանալ
անոնց,
երբ
կը
նախատեն,
կը
գրգռեն
մեզ
ու
ներկան
հերքելով
աւելի
դաժան
կը
դառնան:
Բերէք
ձեր
աչքին
աղջիկը,
զոր
սիրեցիք,
անյիշատակ
օրեր
առաջ
եւ
որ
քանդակուեցաւ
ձեր
ուղեղին,
ա՛ն`
որ
հիմա,
դժնդակ
պառաւ,
կը
յամառի
իր
շապիկին,
հին
խորխին
դառնալ,
այդ
փլատակ
հանդերձանքով:
…Ինչե՜ր
էին
Սողոմը
գերեզման
քշողները:
Իբր
թէ
տուն
չունենար:
Գեղացի
չըլլար
միւս
բոլորին
պէս
ու
լեռնէն
իջնար:
Իրողութիւն
էր,
որ
անոր
մէջ
կանգ
առած
էին
կենցաղի
ընթացիկ
երանգները:
Յետոյ
գտաւ,
որ
անոր
այս
պահը
տիրակալուած
էր
մեռելհարցային
ընթերցումով,
բորոտ
մատեանէն:
Հօրմէն
օգնութի՞ւն:
Չենք
հաւատար,
բայց
կ՚ընենք
դեղերը
մեր
մահը
վճռող
բժիշկէն
ալ
ետքը:
Ու
անցաւ
աչքերէն
ճիտը
ծուռ
հայրը,
նստած
իր
տղուն
հողքին,
ինչպէս
ուրուագրած
էր
Սամունին
տեսիլքը
ու
ինչպէս
կը
կարծէր
ինք
նշմարած
ըլլալ
յառնող
Սամուէլին
ստուերէն
անդին:
Ինչո՞ւ:
Որո՞ւ
հողքին:
Մինչեւ
այդ
կէտը`
անիկա
չէր
իսկ
խորհած
ոճիրին
հետեւանքներուն:
Բռնուի՞լ:
Կախուի՞լ:
Բայց
րոպէ
մը
միայն
ինկաւ
անիկա
տխրութեան
այդ
մտապատկերին:
Ողջ
ըլլային
լեռները,
որոնց
կռնակը
մինչեւ
Ճերմակ
ծով
կ՚իջնար:
Յետոյ`
սպանութիւնը
գեղին
ընտանի
հանդէսներէն
կը
նկատուէր
ա՛լ:
Թուրքերը
չէին
նեղուեր
սպաննողէն,
հերիք
է
որ
սպաննուածը
ըլլար
հայ:
Կը
մտածէ՞ր,
թէ
այս
մասնայատկութիւնները
պէտքի
մը
հպատակելով
կը
ներկայանային
անոր
մտքի
դաշտին:
Անիկա
խանգարուած
կը
զգար,
արտաքին
ու
ներքին
աշխարհներուն
մէջտեղ,
ա՛յն
հաւասարակշռութիւնը,
որով
կը
զանազանուի
խենթութենէն
ամէն
մտայղացք:
Կը
քաշէին,
վերը
վար
կ՚ընէին
իր
մէջ
ամէն
բան,
անտես`
բայց
զգալի
ուժեր:
Ու
սատկելիք,
գազան
պատկերը
կրկին,
հզօ՛ր,
ցնորաբեր,
որ
ուղեղին
մէջ
պտուտքելէ
ետքը
ճամբա՛յ
ինկաւ
դէպի
ողնայարը,
անկէ`
բոլոր
ջիղերը:
Անիկա
գալարեց
ինքզինքը,
ինչպէս
տենդի
մը
մէջ
մէկը,
որ
կին
մը
կը
փաթթէ,
կտրուած
իր
խելքէն`
ինչպէս
մարմինէն,
-
րոպէական
սարսուռ
ու
թրթիռ,
որով
կեանքին
մեծ
առեղծուածը
իր
սուտը
կ՚օծէ
ու
մեզի
տանելի
կ՚ընէ
մինչեւ
իսկ
դժոխքը:
Այդ
ուրականին
թեւին
տակ
անիկա
եղկելի
մղեղ
մըն
էր,
որ
պիտի
ընէր
հոսանքին
ճամբան,
կրակէ
գիծով
դէպի
տունը
Նալպանտենց
հարսին,
սա
գիշերասկիզբին,
վառուած
լոյսերով
հացի
սեղանով
ու…
անկողինով:
Ո՜վ
խեղճութիւնը
մեր
ոսկորներուն,
որոնց
պաշտօն
է
տրուած
պատնէշ
կենալ
մեր
ուղեղին
հոսումին,
իբր
թէ
գանկը
պարիսպը
ըլլար
մեր
գրոհներուն:
Զինքը
կը
հրէին
ետ,
դուրս,
ընդարձակ
դուռէն
ու
կը
խնդային:
Կը
հայհոյէին
մօրը,
հօրը
ու
բոլոր
մեռելներուն…:
Արտակարգ
իր
անձուկին
մէջ`
անիկա
փաթթուեցաւ
Սաւուղին
դրուագին:
Խոտի
շիւղ
մը
երբեմն
բաւ
է
կեանքի
հեղեղ
մը
իր
հունէն
շեղելու:
-
Դիմել
հօրը,
անշուշտ
անոր
գերեզմանին
վրայ,
կանչել
ուրուականը,
դնել
առջին
իր
տագնապը,
բզիկ-բզիկ
սիրտը
իր
զաւկին,
լոյս,
կամք,
ուղղութիւն
խնդրելու
անկէ:
Հաստատուն
այս
թերթը,
անոր
լոյծ
ու
խառնակ
ուղեղին
վրայ,
փրկութեան
կտաւ
մըն
էր,
դժուար
ճարուած
առագաստ
մը:
Որոշում
մը,
որքան
ալ
ձախորդ,
հազար
հեղ
աւելի
կ՚արժէր,
քան
նեարդներէն
լիխպ,
տրորուող
թոհուբոհը
մեր
ալեկոծ,
խարխար
կամեցողութեան:
Գերեզմանատան
պարիսպը
ցատկած
ատեն,
հողին
մնացած
անոր
կրունկը
զգաց
ժանիքը
գազանին,
որ
ուշացած,
հասեր
էր
միայն
գուլպային:
Դպաւ
մատով
ցաւի
կէտին:
Ոչ
իսկ
կաթ
մը
արիւն:
Շփոթահար
իր
վրիպանքէն`
գազանը
սուզուեցաւ
խրամն
ի
վար:
Գայլերը
անկարող
են
պատ
անցնելու:
Պարիսպին
վրայ,
թեւերը
մէջքին,
վայրկեան
մը
կեցաւ
անիկա:
Սամունը,
Սամուէլը,
Սողոմենց
Հայրապետը,
գնչուհին
ու
Նալպանտենց
հա՜րսը:
Նոյն
ձեւն
էր,
որ
կը
փոխուէր
անոր
ներքին
աչքին
տակ:
Ո՞ր
ձեռքը
կը
բե
րէր
այս
իրարու
օտար
ստուերները
ու,
իբր
մէկ
արմատէ
բխում`
կ՚անձնացնէր
զանոնք
առանձին-առանձին:
Յետոյ
դարձաւ
ետին,
մէկը
սպասողի
յստակ
սուզումով:
Եկաւ
ա՛ն
ալ,
բանտի
իր
ընկերը,
տժգոյն
ու
բարի,
ոճիրին
աղիքներովը
կապկպուած:
Աչքին
գոց
վարագոյրին
տակ
այս
մարդերը
ունէին
պարագայական
կնիք,
ամէն
մէկը
շալկած
իր
նպաստը,
ու
տրամադրող
անոր:
Հաստ
ու
աստղոտ
գիշեր:
Մէկ
թեւովը
բլուրը
գրկած,
միւսով
բանալով
պարեգօտը:
Վարը,
Սողոմին
ուսերուն,
ընտանի
բերա՛ն,
սեւ
այդ
գիշերը,
բարի
ու
թելադրող,
սիրուհիի
մը
պէս,
որուն
կը
դիմէ
մարդ,
մահէն
փախչելով:
Գնչուներու
վրանները`
հեռուն,
անշուշտ
իբր
բոց,
զոր
հով
մը
կը
գզէր,
ոսկի
գզածին
նման
ու
հրթիռով
կը
պսակէր
աղօտած
խաւարը:
Ու
բարակ
ձայներ,
տարերկրեայ,
ամբողջ
նուագ
ու
իգութիւն:
Տիկ`
որ
ըլլար
հեկեկանքը
հսկայ
գիշերին,
այսքան
մանրացած:
Ու
ծափ
ու
պար`
որ
խաւարին
պորտին
կը
շինէին
քաղցր
հանդէսը
հարսնիքին,
անոր
ամէնէն
սրտառուչ
մասին,
երբ
հարսնցուն
կը
հաւաքէ
իր
հարսնաքոյրերը,
թաղին
բոլոր
աղջիկները
ու
մեծ
ու
պզտիկի
ներկայութեան
կը
բանայ
իր
մարմինը
անծանօթ
հովին,
պարելով
աղջիկի
վերջին
պարը,
այդ
նուրբ,
ան
նիւթ
թրվռուքը
միամիտ
կոյսին,
քանի
մը
գիշեր
ետք
ճաթա՛ծ
իր
գանձարանէն,
ու
եղա՛ծ
հաստ,
գրգռիչ
հրաւէր:
Կեա՜նքը,
այս
ցամաք
հացին
ու
քուրձ
վրաններուն
մէջ:
Բայց
ինչ
որ
Սողոմը
յուզեց
մինչեւ
աղիքները,
սրտառուչ
եղանակն
էր
ատիկա,
ծանօթ
իր
տխուր
գեղեցկութեամբը,
ա՛յն`
որ
կը
գովէր
վրանակեանքը,
անոր
հոգէ
քիչ
ազատութիւնը,
անոր
աղջիկները
ու
ասոնց
սիրտին
մինակութիւնը,
մա՛նաւանդ
զգլխիչ,
թուխ
կիները:
Սողոմին
առջեւէն
անցաւ
գուշակուհին
ու
անոր
ստինքներուն
տարօրէն
խռովիչ
պատկերը,
ձիւնի
մէջ
թաղուած
լորի
կտուցին
նմանութեամբը:
Ու
երգը
կը
պոռար,
կը
պատգամէր
քաղցրութիւն
ը
Թարմ
հարսներու
մարմինին
ու
աշխարհին
թագերէն
ու
անոր
ոսկիներէն
վեր
կը
դասէր
նոր
հարսի
մը
հիւսուելու,
փաթթուելու
աստուածային
վայրկեանը:
Ջերմ,
ամբողջ
միջոցը
կնոջ
մը
միսին
նման
բաբախուն
ընող
այս
երաժշտութիւնը
գրեթէ
խենթեցո
ւց
զինքը:
Երգին
ուժը
կը
քառապատկուի
արձագանգով:
Անիկա
մոռցա՞ծ
էր
ինչու
գալը
հոս:
Ու
նետեց
ինքզինքը
ցած:
Առաջին
մտածումը
եղաւ
ճեղքել
գերեզմանը
ու
մտնել
գեղ,
ներկայանալ
Նալպանտենց
տունը
ու
պոռալ
քաղցրութիւնը,
երգին
նման,
կիներու
միսին…
Կակո՜ւղ`
հողը:
Շա՜տ,
ո
րքան
չէր
սպասեր:
Լխպա՞ծ
արցունքներովը
ողջերուն,
գուցէ
մեռելներուն:
Անիկա
չայցուեցաւ
գերեզմանները
հսկող
վախէն:
Բայց
հողը
փոխեց
անոր
մտածման
սլաքը:
Կինը
ուղիղ
ճամբան
է,
որ
մեզ
հասկնալի
կ՚ընէ
մեռելը:
Ու
մեռելները
սեռին
հետ
իրենց
կապը
չեն
կտրեր:
Ըսել
կ՚ուզեմ
`
կ՚ապրին
մեր
ջիղերուն
վրայ,
երբ
մաշած
չեն
ասոնք:
Քալեց:
Քարեր,
գորշ
կամ
ճերմակ,
աւրուած
իրենց
բիւրեղեայ
ճարտարապետութեան
մէջ,
տպաւորելու
չափ
գերայոյզ
տղան
իբր
շարժական
բաներ,
աչքին
առջեւ
քակելով
իրենց
ձեւերը
ու
ծռելով,
ելլելու
ճիգի
մը
մէջ:
Հողքեր,
ո՛րը
թ
ար
մ,
ո՛րը
մաշած:
Մութը,
աստղերէն
երակուած,
անբաւական
էր
սրբելու
յատակի
այս
խորտուբորտութիւնները:
Մինչեւ
ճամբան,
որ
գերեզմանը
կը
կիսէ`
անիկա
անցաւ
առանց
յուզումի:
Երկու-երեք
ոսկի
վանդակ
հարուստ
տուներէ,
պահ
մը
առին
անոր
յիշողութիւնը:
Դպաւ
մատովը
նոր
հարսի
մ
ը
ձողացանկին,
հարուստ
գերդաստանի
աղջիկ,
որ
մեռած
արթնցաւ
կեսրոջը
ծոցէն,
էրիկը
ջաղաց
ըլլալով:
Ու
նմանութիւնը
յիշեցուց
Նալպանտենց
Աղւորը,
որուն
պէս
ամուլ
էր
անուանի
հարսը:
Անոր
միտքը
կոծեց
կասկածը,
կեսուրէն`
որ
կրնար
խղդել
անպտուղ
արգանդը:
Բայց
քալեց:
Զոյգ
սօսինե՜րը:
Տէրտէրին
թախտը:
Աղբիւրը,
նուէ՛ր
հաճի
Մանուէլին,
որուն
աղջիկը
փախած
էր
իրենց
հովիւին
հետ
ու
զրկուած
«աշխըրքի
մալ»էն
ու
առիւծի
պէս
նշանածէն:
Անոր
աջին,
չորրորդ
գերեզմանը:
Նոր
խնամուած:
Մաքուր:
Կռնակէն
սեփ-սեւ:
Հօրը
գերեզմանն
էր
անիկա:
Շուարած`
կեցա
ւ
գլխուն:
Իրեն
օգնութեան
հասաւ
պահ
մը
դադրած
երգը,
որ
կը
պոռար
բոշա
իմաստութիւնը
գեղին
երեսին
ու
կը
հրաւիրէր
մեռելները
պատմել
վարերէն,
իրենց
աշխարհէն,
թէ
գիտէի՞ն
աղբիւր
մը
աւելի
անուշ,
քան
աչուկները
նոր
ժմնուկ
աղջիկին:
Ու
կը
խմէր
երգը
այս
ակէն,
որուն
«մէկ
կաթիլը
բաւ
էր
մեռել
մը
ստիպելու,
որ
ձգէ
երկինքն
ու
փախչի
ասդին»:
Սո՜ւտ
չէ,
որ
կ՚ըսէ
երգը:
Հա՞յրը:
Չունէ՞ր
խօսելիք
իր
առջինեկին:
Իջաւ
ծունկի:
Դառն
ծանրութիւն
մը
կը
ժանգոտէր
իր
շարժումները:
Վա՞խ,
պրկո՞ւմ:
Անիկա
մտաբերեց,
առանց
ընդհատի,
բառ
առ
բառ
մռայլ
ու
խե
լա
ցնոր
ընթերցումը,
որ
կատարուած
էր
վերը,
սօսիին
ներքեւ:
Սուր,
չափազանց
սուր
անոր
յիշողութիւնը,
ձայնին
հմայքէն
յետոյ,
կը
մնար
անոր
երկրորդ
շնորհը,
բոլորէն
ընդունուած`
իբր
շարունակութիւնը
Սամունին
պատանութեան:
Այդ
յիշողութիւնը,
որ
ձեւին,
բայց
մա՛նաւանդ
անոր
տակ
օր
մը
բաբախած
ու
հիմա
սառած
յուզումին
հանդէպ
հաւատարիմ
էր,
տառապագին
ընծայելու
չափ
յիշատակը,
պիտի
կազմէր,
տարիներ
ետքը,
անոր
հզօրագոյն
նահատակութիւնը,
կենդանի
կրծումը,
երբ
պալատներուն
ջերմոցներէն,
թուրք
իր
զգեստներուն
ու
աշխարհին
շքեղութեանցը
մէջէն,
անհաս
ծարաւով
պիտի
պապակէր
համն
ու
հոտը
իր
գեղին:
Ու
առած
աչքերը
ափերուն
մէջ
-
բնազդական
վա՜խը,
բոլոր
տեսիլքներէն
-,
հողին
ու
կանանչին
պաղ-պաղ
հպումէն,
վիրալից
իր
ծունկերուն
մէջ
թել-թել
համրելով
մզմզուքը
շաղին,
նեղուելով
մա՛նաւանդ
մէջքի
դաշոյնէն,
որուն
պատենքէն
ծայրագունտը
կը
կճէր
փոսիկը
իր
աճուկին,
անիկա,
փլած,
փոշի
ու
աղերսարկու`
ուզեց
պատգամը
իր
հօրը:
Զգաց,
որ
չէր
խօսած:
Ի՛նչ
կը
պահանջէր
մեռելէն:
Նոյն
ատեն
խուլ
սարսափ
մը,
ուրուացող
կարելի
պատահելիքէն,
կ՚ամրանար
ու
կը
բռնանար
անոր
սրտին
անցքերուն:
Ի՞նչ
ունէր
ո
ւզելիք
իր
հօրմէն:
Մեռելները
ողջերէն,
իրենց
ողջերէն
ոչինչով
կը
տարբերին:
«Մրջոմին
վրայ
ոտք
չկոխող»
Հայրապետը
ինչպէ՜ս
պիտի
դիմաւորէր
արիւնոտ
իր
ծրագիրը:
Կարկամած`
դրաւ
գլուխը
անոր
հողքին,
-
պա՛ղ,
բայց
այրող,
որ
հալեցուց
անոր
գանկին
պատերն
ու
անոր
ուղեղն
ու
մեռելը
դրաւ
իրարու
հասողութեան:
Անիկա
գտած
էր
ըսելիքը:
Պիտի
դնէր
ելլողին
առաջ
այն
երկու
տարին,
որոնք
դարձած
էին
հօրը
հոս
իջնելէն
ասդին:
Սպասեց
անիկա
լռին
շրշիւնին,
որով
կը
քակուին
հողին
բողկուկները
ու
ոստայնը,
ճամբայ
տալու
համար
վարի
աշխարհքէն
վեր
ճամբորդներուն,
հեքիաթներուն
մէջ
դրուած
սրսփացնող
իրապաշտութեամբ
մը:
Չղջիկ
մը
թռաւ:
Ու
անոր
կոր
ու
սեւ
ալիքը
կլոր-կլոր
կը
բացուէր
ու
կը
մօտենար:
Քարերը
երկարած
ու
պաղ,
անոնց
վրայէն
եկող
հովը
կը
բերէր
այդ
զգայութիւնը:
Ոչ
մէկ
շշուկ,
առջեւի
գերեզմանէն:
Հազարաւոր
մեռել
նե
ր
-
մութը
կը
շատցնէ
շատ
բան
-
իրենց
այդ
պաղուկ
ու
սեւ
քունին
մէջ,
իրենց
հող
ու
քար
վերմակին
ետեւէն
կը
տեսնէի՞ն
կամ
կը
լսէի՞ն
սա
տղան:
Անոնք
կը
մտածէի՞ն
ցեխին,
ճճիի
խիւսին,
որմէ
շինուած
են
ողջե՜րը,
գալ
այսպէս
պաղատելու
համար
չողջերուն:
Անիկա
վերցուց
ճակատը
հողէն:
Յստակ,
ուրուագին,
պսա՛կը`
սակայն
վարդենիէն,
զոր
Սողոմին
մօրը
մատները
տնկեր
էին
երկու
տարի
առաջ,
դողաց
քանի
մը
սարսուռ:
Հո՞վ,
թէ
հողին
շարժը
դէպի
վեր,
փեռեկումը,
ճեղք
տալու
համար
մեռելին
դէպի
դուրս:
Ականջներուն
երկու
փորուածքներէն`
կորագիծ
վե՜ր
դէպի
ուղեղը
մաստ-ասեղի
հզօր
հարուածներ,
արագ-արագ,
ծեծելու
համար
խմորը
անոր
խելքին,
թափ
անցնելով
միանալու
համար
գանկին
ճի՛շդ
կեդրոնին
ու
ցցուն`
կախուելով
անոր
անբաւութեանը
վերեւ
իբր
սայրը
դանակին,
որ
պիտի
ճեղքէր
փորը
Նալպանտենց
հարսին:
Գանկին
այդ
կէտին
անիկա
կարծեց
զգալ
երկաթ
գլուխը
մէջքի
դաշոյնին:
Ջիղերու
տագնա՞պ,
թէ
զգայախաբութիւն:
Բայց
հողը
մնաց
խելօք
ու
վարդենին
լռեց
իր
լռին
երգէն:
Գեղին
վարերէն
զիլ
զուռնա
մը
փակլախորանը
կ՚ընէր
երէկուան
խնճոյքին
ու
կը
զռար
մինչեւ
քիթը
սա
մեռելներուն:
-Պապօ՜,
պապօ՜…
Քիչիկ,
բարձրա
ցո
ւց
շեշտը:
Ու
անոր
ատամներէն
կ՚իյնար
հեկեկանքը,
կ՚ըլլար
փսփսուք,
կը
տարտղնուէր
փշուր-փշուր
մեռել
քարերէն,
կը
հեռանար,
քայլերուն
որոշ
հոսում
մը
դողացնելով
անոր
գերագրգիռ
ականջներուն
կամ
որոշակի
ծծուելով
խոտերուն
բիւր
լեզուակներէն:
Ու
դրաւ
ճակատը
հողին,
առն
ելու
համար
ջերմութիւնը
իր
հօրը
շունչին:
Հողը
կը
մնար
լուռ:
Միջոցին
մէջ
գնչու
երգը
կը
հիւսէր
հարսները,
անոնց
թեւերը
նկարելով
ճերմկուկ
կրակ,
որոնք
մեր
բերնին
վրայ
ձիւնին
պէս
կ՚այրեն
ու
մեզ
խենթ
կ՚ընեն:
Ու
գնչու
երգը
դանակին
բերանով
վարդեր
կը
քաղէր
անոնց
երե
սն
երէն,
որոնք
մեր
շրթներուն
տակ
արիւնն
ու
կրակը
իրար
կը
շաղուեն
ու
մեզ
կը
կապեն
մահէն
ալ
անդին:
Ու
բոց
կը
ժողվէր
անոնց
ծոցերէն:
Ու
լոյս
կը
վառէր
անոնց
ստինքէն:
Ու
անոնց
կրունկներէն
հոսումի
կը
հանէր
տարփանքին
առուն,
արցունքի
առուն:
Դանա՛կ`
մատները
անոնց:
Նի
զա՛կ`
նայուածքը
անոնց,
մազերը
ուռկան:
Այս
պատկերները,
իրենց
միամիտ
իրապաշտութեանը
մէջ,
մեծ
արուեստին
արժանի
իրենց
յաջողական
շրջագիծերով,
սեփականութիւնն
են
Արեւելքի
ժողովուրդներուն
ու
կը
յայտնաբերեն
անոնց
մէջ
արուեստի
միակ
զգայարանքը:
Վասնզի
կեանքը,
հոն,
փոխանակ
ապրուելու`
կ՚երազանայ,
կը
բիւրեղանայ:
Տուները
իրենց
տխեղծ
տրտմութեամբը
զայն
կը
վանեն
ու
կը
նետեն
դաշտերը
օդին,
ուր
երգին
անտես
արօրը
կը
հերկէ
արիւն
ու
կրակ:
Նստած
ժողովուրդներու
մէջ
սիրային
բանաստեղծութեան
խորութիւնը
պատահմունք
մը
չէ,
այլ`
բխումն
իսկ
ինքնասուզման:
Ով
որ,
աշնան
գիշերով,
մտիկ
է
ըրած
սիրահար
տղան,
մութին
վրայ
փռած
ոսկի
ու
արիւն
շղարշը
իր
տարփանքին
ու
անոր
վրայ
լողալու
ու
այրելու
կանչած
իր
սիրուհին,
շատ
հզօր
«եա՜րը»,
անիկա
պիտի
ճիշդ
չափէ
արտակարգ
ուժը,
որ
գեղջուկ
երգերուն
ծոցը
ծուարած
կը
հանգչի:
Մնաց
որ,
անոնք
բոլորն
ալ
ծնունդ
են
արիւնի,
առնուազն
սրտին:
Տարին
կը
բուսցնէ
զանոնք,
ինչպէս
իր
խնձորները`
տղոց
ու
աղջիկներուն
միսին
ածուներէն:
Ու
անոնք
կը
մեռնին,
յաջորդուելով
նորերէ,
ճամբորդելով
մարզէ
մարզ,
տաղաւարելով
նման
վիճակներ:
Անոնց
ընդհանրականութիւնը
տարածուն
կ՚ընէ
իրենց
ազդեցութիւնը:
Շո՛ւնչ
մը,
սլա՛ք
մը,
-
ու
ահա
բառերը
պիտի
ուռին
ու
քալեն,
ու
անոնց
թեւին
վրայ
մարմինները,
ապրող
ու
իրաւ,
անուն
ու
տարիք,
մերկ
ու
ջերմիկ,
իրարու
հիւսուած
այնքան
սերտ,
այնքան
խոր,
որ
մտիկ
ընողը
կը
մոռնայ
հողը
իր
ոտներուն
տակ
ու
կը
մտնէ
խորհուրդին
մէջը
թռչուն
քերթուածին:
Մինակ
տարփաւոր
չեն
այդ
երգերը:
Անոնք
հէնք
ունին
ամէն
ոստայնէն,
որ
կը
փաթթէ
մեր
սիրտը,
երբ
ցաւին
աչքը
հասուննայ
անոր
մէկ
խորշին
ու
մենք
պարտկել
ջանանք
մերկութիւնը
մեր
ջիղերուն:
Անոնք
կը
պատմեն
կշիռք
ով:
…Ու
գնչու
երգը
իր
փոքրագոյն
մաղը
կը
գործածէ
չափելու
համար
համը
այս
աշխարհքին
ու
անոր
անբաւ
փառքերը,
որոնք
ափ
մը
փոշի
իսկ
չեն
ճարեր
երբեմն
մաղին
յատակին:
Ու
երգը
կ՚երգէր
կիները,
ոսկիները,
անգթութիւններն
ու
յաւակնութիւնները,
արքաներն
ու
ստրուկները
ու
մ
եր
ինքնավստահ
ուռեցուորումները,
բոլորը
այսօր
իրողութիւն,
բայց
քիչ
ետքը
հո՜ղ,
անկարող
նոյնիսկ
ծածկելու
ափ
մը
յատակը
գնչուներէ
հիւսուած
մաղին,
թէկուզ
ամէնէն
փոքրին:
Ու
ծափ
ու
պար,
լռութիւնը
աճեցնելով
թեթեւ
այս
պատգամները
կը
բերէին
մեռելներուն,
որոնց
ամէն
մէկը
բառ
մըն
է
եղած
հսկայ
այդ
երգին,
այսօր
ինկած
գետին,
բայց
հաստատելով
թաքուն
իմաստութիւնը
հողին…:
Ու
մա՜ղը`
որ
կը
մաղէր
արիութիւն
ու
կրակ,
արիւն
ու
հաւատարմութիւն,
խոստում
ու
պահութիւն:
Ու
կը
ձեւէր
անիկա
մահը,
ուշադիր
իր
մկրատին,
անփոյթ`
կերպասէն,
որ
թագու
հի
ծոց
մը
կամ
փտած
այտը
կ՚ըլլար
պառաւին.
կամ
քսանամենի
թաւիշը`
նոր
բացուող
տղուն
ու
անհուպ,
անձեռագործ,
բեհեզը
հարսնցու
կոյսին,
այտերուն
վրայ`
թեւաւոր
կրակ
կամ
դեղնած
արիւն:
Ու
կու
տար
անիկա
մահուան
բաժակը
բոլոր
անոնց,
որոնք
սիրելու
տեղ`
կճել
կ՚ախորժին
ու
կը
գործածեն
երկու
ճամբաներ:
Ով
որ
ետ
կը
ճամբէ
իր
սիրականը,
անոր
մատերը
պիտի
սառին
ու
փակին
իր
դուռին:
Ով
որ
իր
ծոցին
մէջ
կը
խաբէ
իր
սիրտը,
պիտի
գորտ
կրէ
իր
լանջքին
ներքեւ:
Ու
մաղը
կը
ցանէր
փոշի,
մեռելներուն
ու
ողջերուն
ու
կը
գծէր
կախարդ
բոլորակը,
որ
իրարու
հիւսուած
կ՚ընծայէ
սրտերը
մարդոց,
դրուած
վերերէն:
Վա՜յ
անոր
գլխուն,
որ
կ՚աւրէ
ճակատագրին
բոլորակը:
Անոր
աչքերը,
ողջ-ողջ,
պիտի
ուտեն
հողին
ճճիները:
Ու
կը
սպաննէր,
տարօրէն
դիւրաւ,
բոլոր
ուխտադրուժները,
անոնց
պորտէն
անցընելով
վրիժառու
նիզակը
ու
անոնց
դիակը
այրելով
քարիւղին
լեզուովը…
-Պապօ՜:
Մղձուկ
ու
ջախջախուած:
Երգը
կը
մատնէ՞ր
զինքը:
Իր
զգեստները
ըսես
նեղ
եկան,
գնչու
երգէն
ուռած
իր
սիրտին:
Ճաթելու
զգայութիւն
մը
մղեց
անոր
կզակները
իրարմէ
հեռու:
Լալու
անկարողութիւնը
կ՚աւելնար
իր
տագնապին:
Ու
երգը
կը
զինէր,
իր
յ
որ
դորանքովը,
անոր
մատները
դէպի
պորտը
բոլոր
խոստմնադրուժներուն:
Ու
նոյն
երկաթ
գիծէն
ձայնը
զայն
կը
տանէր
ծոցին,
ծոցերուն
ու
անոնց
ջերմին,
որուն
գոլովը
մեռելներն
իսկ
կեանքին
կը
դառնային,
դառնալու
էին:
Ողջե՞րը:
Հարցնողն
էր
Սողոմը,
որուն
մտքին
մէջ
Զատկուան
ժամ
է
ր
Աղուորին
ծո՛ցը:
Մէկէն
այդ
պատկերը
խարանումի
պէս
բան
մը
անցուց
իր
կարգ
մը
կեդրոններէն:
Կափկափեց
անիկա
այդ
զգայութեանց
խթանին
տակ:
Գերեզմանը,
զայն
լեցնող
մութը,
վերի
աստղերը,
երգն
ու
գնչուներուն
իմաստութիւնը
դադրեցան
ու
անոր
մէջ,
ինչպէս
խառնարանէ
մը,
տարփանքին
լաւա՜ն,
պայծառ,
ծխաշունչ:
Որ
կը
քալէր
ու
կ՚ուտէր,
բայց
չէր
հատցներ:
Յիմա՞ր
էր,
գերեզման
գալու
այսպէս:
Շո՜ւտ:
-
Նալպանտենց
տունը:
Անիկա
կը
կարծէր
լսել
շշունջը
այս
բառերուն
ու
մութն
ու
վարդենին
մաս
ունէին
այս
փսփսուքէն:
-Պապօ՜,
պապօ՜:
Չղջիկը:
-Ինչո՛ւ
թո
ղո
ւցիր
տղադ:
Չէր
լար:
-Պորտէ՛ն
կռնակը:
Հողը
մնաց
լուռ:
Այն
ատեն
ելաւ
անիկա
ոտքի:
Թօթուեց
ծունկերէն
հողի
կաթիլները
ու
անոնք
պաղ
էին`
ինչէս
քրտինքը
մահամերձ
հօրը
ճակտէն:
Զիստին
փոսիկէն
հրեց
վեր
դաշոյնը,
որուն
գլուխը
ելաւ
դուրս
գօտիէն,
ու
անոր
մէջքը`
ինչպէս
հ
ոգ
ին,
րոպէաբար
վերածեց
երկաթի:
Տեղը
եկաւ
իրեն
աւելի
բաց,
քարերն
ի
վար
թեթեւ
ծփանքով
ու
շարքի
անցած
մեռելներու
հանդէսով
մը:
Հո՜վ`
որ
մօտի
սօսիներէն
տարօրէն
դաշն
հեծկլտանք
մը
կը
լայնցնէր
ու
անոնց
բոժոժիկները
խուլ
նուագէն
կը
հանէր
հնչական
մեռելական
դաշնակութե
ան
մը:
Անցան
այդ
բեկորները
Սողոմին
վրայէն,
կաթ-կաթ
թափելով
վրան
ինչ
որ
անվերջ
ժամանակէն
մեռելները
ունին
հանած
ու
յանձնած
ծառերուն
ու
օդին:
Գեղին
դիէն
զուռնան,
որ
պարի
կը
հանէր
աղջիկներն
ու
հարսները:
Սողոմենց
տղա՜յ,
-
ըսաւ
ինքնիրեն,
յիշած
էր
Աւետարանին
մէկ
համարը,
որ
աղուէսներուն
ու
գազաններուն
որջ,
թռչուններուն
բոյն
կը
շնորհէ,
բայց
Մարդու
որդիին
կը
զլանայ
տեղ
մը
գլխիկը
հանգչեցնելու:
Սողոմենց
տղա՜յ,
այսինքն`
կտոր
մը
հում
միս,
որ
պիտի
փտի
թուքին,
մուրին
մէջ,
ճիրաններուն
մէջ
սեւ
աշխատանքին:
Ու
պիտի
թոռմի
ո՛չ
ինչպէս
ուրիշները,
այլ`
նման
առագաստին,
որմէ
փախած
ըլլայ
իր
հովը,
այլ`
նման
ծաղիկին,
որուն
առէջին
կարիճի
խայթ
մը
ըլլայ
հեղիւսուած:
Պիտի
թոռմի,
սրտին`
դաշունուած
երա՜զ
մը
յիմար:
Աստղ
մը
փրթաւ,
փշրուեցաւ
ու
մեռաւ:
-Տէ՜ր
երկնաւոր:
Իր
շրթները
ըսին`
բայց
ոչ
սիրտ
ը:
Կ՚ըսեն,
թէ
կան
պահեր,
ուր
այդ
երկինքին
բաց
կ՚ըլլան
դուռները:
Ու
եղած
են
մարդեր,
որ
լսած
ըլլան
արձագանգը
Կապուտուորին,
մեր
ժողովուրդին
համար
այնքան
յստակ
այս
պատկերին:
Ո՛չ
հողքէն,
որ
փշրուած
հող
էր
հիմա
Սողոմին
աչքին,
ոչ
ալ
կործանած
աստղին
Աստուծմէն
չեկա
ւ
շշուկը,
թեթեւ
իսկ
ցուցքը,
որ
միջամտէր
անոր
անյուսութեան,
տարփանքին,
կարօտին
ու
կատաղութեան
սա
համախառնուրդ
ջուրերուն
ու
անոր
կամեցողութեան
ասեղը
դարձնէր
արիւնէն,
ոճիրէն
ասդին:
Բանականութի՜ւն,
որքան
յիմար
ես
դուն:
Ինչո՞ւ
չըսիր
ատ
տղուն,
որ
Նալպանտենց
հարս
ը,
որքան
ալ
հզօր,
պիտի
շարժէր
ինչ
որ
որոշած
ես
զոհելու:
Ու
ինչո՞ւ
չես
ըսեր,
դեռ
մինչեւ
այսօր,
հազար-հազար
այն
տղոց,
որ,
աշխարհի
բոլոր
ծագերէն,
կ՚ընեն
զոհը
իրենց
անձին
նման
պատրանքի:
Եղաւ
այրող
այն
լռութիւնը,
որուն
ընթացքին
հոգին
լուսաւորող
զոյգ
մոմերէն
մէկը
կը
հ
անգի:
Գեղ,
բարք,
տուն,
որբերը,
մայրը,
ու
դուրսի
աշխարհք
ըսուած
քաղցր
երազն
ալ
հալած
էին
անոր
բոցին
մէջ:
Սկսաւ
վառելու
միւսը,
սեւ
ատ
մոմը,
զոր
մահուան
անտես
ձեռքը
կը
բռնէ
մեր
կամքին
քարայրը:
Խուզարկեց
Սողոմենց
տղան
հորիզոնները:
Ո՜չ
իսկ
ամպ
մը:
Ո՞ւր
էր
ան
Աստուածը,
որ
խոտերուն
իսկ
սիրտը
կ՚իջնէր
երբեմն:
Անոր
ուղեղը
հարթ
սենեակն
էր,
բոլորովին
մերկ,
սեւ
մոմը`
կեդրոնին,
որուն
բոցը
դաշոյնին
լեզուն
կը
ձեւէր
հրդեհին
խորքէն:
Ու
ատ
դաշոյնը
տեսանելի
էր
ու
օձեղէն
սլաք:
-Տո՜ւն:
Հնչեց
անոր
ձայնը,
խուլ
ու
կճրտուն:
-Նալպա
նտ
ենց
տո՛ւնը,
-
լրացուց
ուրիշ
մը,
որ
չկար,
բայց
տարօրէն
իրաւ
արտասանեց
չարագուշակ
բառերը:
Դուրսէն
ըսուած
ըլլալու
այս
տպաւորութիւնը
այնքա՛ն
զօրաւոր
էր,
որ
Սողոմենց
տղան
սառեցաւ:
Ոչ
ո՜ք:
Միջոցը`
միջոց:
Աստղերը`
հանդարտ:
Մութը`
բռնկած,
բոցերէն,
երգով
ու
կրակով:
Գեղը`
անորոշ
մշուշ:
Ձորակին
վրայ,
շնագայլերու
մելամաղձոտ
ողբ
մը,
որ
անասնային
իր
կարծրութիւնը
կ՚ողորկէր,
օդին
մէջ,
հեռուներէն
գալարուն:
Զգաց,
որ
իր
շարժումները
կը
տպաւորէին
զինքը
տեսակ
մը
կրկնութեամբ:
Թե՛ւը`
մէջքին
մէջ
զոյգ:
Մա՛նաւանդ
քայլերը,
որոնք
շատ
յստակ
հնչեցին
երկրորդէ
մը
ինչպէս:
Ո՞վ:
Կը
վախնար
հարցումէն
աւելի
պատասխանէն:
Առաջին
անգամն
էր,
որ
մտապատկերը
այսքան
ուժգին
կ՚առարկայանար:
Անիկա
գրեթէ
ընկերացուած
էր
բանտի
տղայէն:
Օրուան
մը
ընթացքին
այս
մռայլ
պատկերին
մինչեւ
սա
դիմացկունութեան
ելլելը
անիկա
շ
ահագործեց
տխուր
միամտութեամբ
մը:
Չեկող
հօրմէն
ու
լուռ
Աստուծմէն
ետքը,
այս
ինքնամատոյց
նպաստը
կը
վճռէր
անոր
ճակատագիրը:
Հրուած
կռնակէն
-
ի՜նչ
պայծառ
ցաթեց
սրբազան
պատմութեան
միամիտ
նկարը,
որուն
մէջ
հրեշտակ
մը
երկու
ձեռքերը
դրած
նախածնողներու
կռնակին,
դուր
ս
կը
մղէ
զանոնք
դրախտէն,
դուռին
բացուածքէն
ընդառաջող
դէպի
սատանան
ու
ցաւերը
մահով
կեանքին
-,
բայց
առանց
սայթաքումի,
կճուելով
պատահական
խոտերէ,
անցաւ
անիկա
գերեզմանի
բացատը,
որ
մեռելներու
չի
պատկանիր:
Փոխանակ
դուռին,
այդ
ճամբան
կը
հանէ
պարիսպին
այն
կէտը,
ուրկ
է
վար
ձորակը
մատչելի
կ՚ըլլայ
դէպի
Մեծ
արօտավայրը,
հո՛ն`
ուր
գնչուներ
կը
մակաղին
ու
տղաքը
կը
խաղան
իրենց
ամէնէն
ընդարձակ
խաղերը:
Ինչո՞ւ
այդ
ուղղութիւնը
եւ
ո՛չ
դրանը:
Անիկա
չհարցուց
իր
քայլերուն,
որոնք
ուղեղին
տեղը
կը
բռնեն
երբեմն
մեր
ամէնուն
ալ
մէջը:
Ցատկեց
պ
արիսպին
վրայ,
շատ
աւելի
խեղճ
իբր
հոգեկան
շաղախ,
որքան
չէր
անիկա
ներս
մտած
պահուն:
Կը
տառապէր
այն
որոշ
զգայութեամբ,
զոր
պարապ
մը
կը
ստեղծէ
մեր
մէջ,
երբ
ամէնէն
աւելի
կարօտ
ենք
լիութեան,
բանով
մը
գոնէ
բռնուած
ըլլալու
գիտակցութեան:
Որոշ
էր,
որ
լքուած
էր
Աստո
ւծմէ,
որուն
ահը,
Աջը
այնքան
հեղերու
հասած
էր
իր
գիրքերուն
մէջ:
Յետոյ`
քաղցր
մելամաղձութեամբ
խորհեցաւ
դժոխքին,
զոր
շինած
էր
նոյն
Ամենակալը
եւ
որուն
բնակիչները
շուներէն
չէ,
որ
ընտրուէին
պիտի:
Ու
այդ
ուղղութեամբ
անիկա
իջաւ
մեղքին,
մեղաւորներուն
ու
այս
ամէնուն
մէջ
Անոր
մեծ
կամքին:
Ու
նմանցուց
անիկա
Մեղքը
ճակատագրին:
Զայն
պիտի
ընդունինք,
պարտաւորուած,
երբ
զարնէ
մեր
դուռը:
Գերեզմանը
ձգելու
կէտը
մինչեւ`
անիկա
այցուած
էր
պատանութեան
հզօրագոյն
խորհուրդէն:
Աստըծոյ
ու
միւս
աշխարհին
տարօրէն
ջերմ
ու
շօշափելի
զգայութիւններէն,
որոնք
գեղերուն
մէջ
հացին
ու
մեղրին
ու
եղին
չափ
իրական
են
պարզ
այդ
սիրտերուն
համար:
Այն
տղան
եղաւ
անիկա,
որ
իր
սքանչելի
ձայնովը,
մարմինէն
քակուած,
հոգիին
համար
ծիրանի
գօտի
մը
կը
ձեւէր
երկրին
ու
երկինքին
մէջտեղը,
երբ
«
Ի
վերին
Երուսաղէմ
»ը
կ՚եղանակէր
դագաղներու
գլխին:
Մնաց
որ,
ամէն
մարդ
գերեզման
կը
մտածէ
քիչ
մը,
նոյնիսկ
օր-ցերեկով,
երբ
պտոյտով
ալ
անցնի
հողքերուն
ընդմէջէն:
Անիկա
լքուած
էր
նաեւ
հօրմէն,
քանի
որ
չելաւ
իր
դամբանէն:
Որուն
ուրուականը
պիտի
չվարանէր
դանկըտելու,
եթէ
ասիկա
հետեւէր
տղուն,
պարիսպէն
դուր
ս,
ինչպէս
կը
յանձնարարէ
ժողովրդային
փորձառութիւնը:
Մեռելները
փորձանքի
համար
միայն
կը
ձգեն
գերեզմանին
շրջապատը:
Թաղերուն
ու
աղբիւրներուն,
տուներուն
ու,
մա՛նաւանդ`
ախոռներուն
մէջ
անոնց
հանդիպումը
չարագուշակ
է:
Գայլե՞ր
փախան,
թէ
իրեն
թուեցաւ
այդպէս:
Խրամի
էջք
ին
սատակի
զօրաւոր
հոտ
մը
զինքը
կեցուց:
Գնչուները
գեղին
սատկելիք
կենդանիները
հոդ
կը
ձգէին,
քերթելէ
ետք:
Բորենինե՞րը:
Անշո՛ւշտ:
Դարձաւ
կրունկին,
ու
պարիսպին
գիծով
իջաւ
ճամբան:
Պարտէզը,
անոր
այն
քի՛թը,
ուր
նստեր
էին
Ուստիանին
հետ:
Պահակին
հետ
Նալպանտենց
տրա՜մ
ը:
Կեցաւ
այդ
կէտին:
Երկուք
էր
ճամբան:
Ա՛ն`
որ
լեռ
կը
տանի:
Ա՛ն`
որ
գեղ:
Մահուան
ու
կեանքին
մէջտե՜ղը:
Ու
գտաւ
իր
քով
բանտի
ընկերը,
գոլի
նման,
բայց
որուն
գիծերը
հաստըցեր
էին:
Իր
շու՞քը:
Չկրցաւ
զատել:
Բացուեցաւ
անոր
մտքին
Նալպանտենց
տունը:
Ծոց
ու
արիւն,
կին
ո
ւ
կրակ:
Այս
պատկերը,
ցուլի
մը
աչքին
դէմ
բռնուած
կարմիրին
նման`
շղթայազերծեց
անոր
մէջ
գազանը:
Ոսկոր,
միակտուր,
պողպատ:
Առաւ
անիկա
գեղ
տանող
թեւը
ճամբուն:
Ու
անոր
առջեւէն,
ինչպէս
կրակի
ժապաւէն
մը,
կը
քալէր
իր
երդումը:
-Հունտէն
հատցնել
Նալպանտենց
տունը:
Ու
ան
որ
ետեւէն,
պողպատ
քայլերով,
իր
արձագանգը,
բանտի
ընկերը:
Գիշերը
կը
քալէր
Սողոմէն
դանդաղ:
ՎԵՐՋ
Ա.
ԳԻՐՔԻՆ