Ա
Ահազանգը,
հզօր,
բացուեցաւ
գեղին
վրայ:
Ջարդերէն
առաջ,
կրակի
ատեն,
ամէն
տունէ
կը
գոռար
հրազէնը,
դղրդելով
խուլերուն
իսկ
լսելիքները:
Զարդերէն
ետք,
զ
էնքերը`
հազուագիւտ
ըլլալնուն
չափ,
վտանգաւոր
էին:
Գեղին
մէջ
մատնիչ
ըսուած
մարդերը,
տեղն
ու
տեղօք
զեկոյց
կու
տային
կառավարութեան:
Բայց
հակառակ
ատոր,
բաւական
էր
թիւը
փողերուն:
Ոստիկանութիւնը
ուզածին
չափ
կարող
էր
արգիլել
զէնքին
գործածութիւնը,
հաւաքական
խստու
թեամբ
պատժել
գեղերը:
Միշտ
կային
մարդիկ,
որոնք
առանց
հացի
պառկիլը
ընդունէին
մարդկային:
Բայց
առանց
մարթինի՞:
Ատոնք
էին
արհեստով
ալ
մաքսանենգ,
գիշեր
ու
ցերեկ
հրացանի
հետ
պառկող,
պսակուող,
որ
տուին
կրակին
առաջին
ազդանշանը:
Մութին
մէջ
այդ
մարթինները,
որսի
երկփո
ղե
անները,
ատրճանակները,
տունէ
տուն,
ու
թաղէ
թաղ,
րոպէ
մը
հրէշային
աչք
մը
կը
բանային,
կ՚որսային,
գեղը
պատնող
սեւ
լռութեան
մէջ
խռովելով
միջոցին
կարծես
խաւարով
ընդդիմադիր
մարմինը,
վէրքի
մը
պէս
վառելով
բռնկած
աստղեր
ու
մարելով,
կրկին
բուսնելու
համար:
Հարսնիքի,
տաղաւարի
առիթով
բացուող
շէն
կրակը
չէր
ասիկա,
այլ`
արհաւիրքներէն
մէկը,
որոնք
այդ
օրերուն
յաճախակի
կը
վրդովէին
ահակոծ
գիշերը
հայ
գեղերուն:
96-ի
դէպքերուն
իբր
հեռաւոր
արձագանգ
ամէն
տունի
մէջ
մտած
էր
դժխեմ
համոզումը,
որ
հայերուն
կեանքը
ձգուած
էր
անպաշտպան,
թո
ւրքերուն
քմայքին:
Կրնար
գալ
այդ
արհաւիրքը,
իր
ուզած
օրը:
Այդ
վարժութիւնն
էր,
որ
թելադրեց
գեղերուն
մէջ
գիշերախօս
մունետիկներու
գործածութիւնը:
Այնպէս
որ,
Ջարդերէն
ասդին
մունետիկները,
որոնք
նոյն
ատեն
թաղերուն
գիշերապահները
կը
մնան,
պարտաւոր
էին
պոռալու,
խուճապին
յաղթելու
չափ
ուժգին,
պատահարին
իմաստին
վրայ,
յարձակումի,
դրան
հասած
ջարդի
առաջին
մտապատկերը
փոխարինելով
պարագայական
ստուգութեամբ:
Ամէն
գիշեր
մեր
մամերը
աղօթք
են
ըրած
կտրտողներուն
փորձանքէն
ազատ
պահելու
գեղին
անմեղն
ու
մեղաւորը:
Ու
ամէն
լուսի,
գեղացին
օրը
շահելու
պղտոր
ստուգութիւնը
դատած
ատեն,
չէ
մոռցած,
թէ
արեւին
մինչեւ
իջնալը
ինչե՜ր
կարելի
չեն
տակաւին:
Զանգակը
լեղի-լեղի,
կարծես
կը
բզկտէր
զանգուածին
ու
խաւարին
ընդերքը
ու,
հսկայական
իր
բաժակէն
կը
պարպէր
մեռել-տուներուն
վրայ
արհաւիրքը
հորիզոնին
չորս
ծագեր
ու
ն:
Անոր
արեւելեան
մէկ
անկիւնին
կարմիր
հեւք
մը,
բիւրաւոր
շառաւիղներով
եռեւեփուն,
կը
պատմէր
կրակին
ճարակած
գետինէն:
Շուներուն
ու,
հեռուէ
հեռու,
շնագայլերուն
մռայլ
ոռնոցը
իրարու
կ՚երկարէր,
սուր,
թունաւոր
գիծի
մը
նման
կտրելով
տարածութիւնը,
մա՛նաւանդ
արձակելո
վ
իր
գնացքին
վրայ
չարագուշակ
հնչականութիւն
մը:
Տարօրէն
առա՛տ,
այս
աղաղակները,
չափը
իսկ
տուո՛ղ
հրացաններուն:
Խուճապի
ատեն,
ձայնը,
նոյնիսկ
դասականը,
ծանօթը`
անխախտ
իր
գահէն,
օրինակի
մը
համար`
զանգակատան
բարձունքէն,
դժուար
թէ
պահէ
տեղի,
աւազանի
իր
կնիքը:
Մարդիկ`
մտրակուած
զարհուրանքէն,
անստոյգին
անդոհէն,
քակուելէ
յետոյ
իրենց
հոգեշէնքին
խարիսխներէն`
կը
խանգարուին
նաեւ
ականջի
իրենց
վարժութեանցը
մէջ,
մօտիկ,
ոտքի
տակ
ընդունելու
չափ
որոտը
գնդակին,
շաչիւնը
բոցին,
որոնք
հեռուէն
կը
փրթին
ու
դէմի
տունէն
կարծես
կը
բաշխուին:
Անձնապաշտպանութեան
բնազդը,
կեղծէ
մեր
զգայականութեան
լարուածքը:
Նոյն
ատեն,
հատ-հատ,
յստակ
խօսելով,
կ՚ելլէին
մարդերը,
իրենց
տուներէն,
վազելով
ամէն
ուղղութեամբ:
Ու
գեղին
փոքր
հորիզոնին
վրայ
խոշոր
ու
պճպճուն
ցայտաղբիւր
մը,
ստորոտէն
կարմիր
ու
շարաւագոյն,
վերը
պղտոր
ու
յաճախ
գորշ`
կը
գլորուէր
դէպի
բացերը
երկինքին,
ոլորուն
ու
ականակուռ,
լուծելով
իր
ջուրին
մէջ
աստղերուն
արծաթ
տերեւները,
լուծուելով
ինքն
ալ
միջոցին
երախներէն:
Նալպանտենց
տունը
կ՚այրէր:
Կրակին
հանդէպ
գեղին
աւանդութիւնները
կը
մնան
հզօր:
Մահացու
թ
շն
ամութիւնն
անգամ,
որ
անպարտելի
է
արիւնով,
նոյնիսկ
գերեզմանով,
տեղի
կու
տայ
կարմիր
աղէտին
առջեւ:
Ու
մարդիկ,
որոնց
շատ
մը
սերունդներուն
մէջտեղը
արիւնին
առուն,
սեւ-սեւ,
վազած
է
ատենին,
ըսես
հալած
իրենց
քէներուն
սառոյցներէն,
կակուղ
ու
ներող,
կը
ցատկեն
չարագու
շակ
այդ
հեղուկին
վրայէն,
օգնելու
համար
իրենց
ոսոխին:
Իր
արդար,
խուլ
ու
սրցուած
ատելութեանը
հակառակ,
գեղացին
չլքեց
հրկիզուած
տունը:
Ու
ինչպէս
պիտի
ընէր
որբեւայրիին
հիւղակին
կամ
սիրուած
ժողովրդական
աղայի
մը
շէնքին
համար,
շարժումի
դրաւ
մարդկեղէն
ուժեր`
բիրտ,
խիստ
ու
սանձահարող:
Կատարուածը
իրական,
տառացի
խուժում
մըն
էր,
մօտ
ու
հեռու
թաղերէ:
Ակնթարթի
մէջ
դռնառաջը
խճողուեցաւ
կիսամերկ
ձեւերէ:
Այր,
կին,
հարս,
պատանի,
օրնի
տղան
մէկ
ձեռքով
ծոցին,
միւսէն
կախ
դոյլով
պառաւներ,
բոլորին
ալ
սափոր
ուսերուն:
Թիթեղներ`
թեւերնուն:
Շուարած,
խուճապոտ,
ու
յիմար
շարժուձեւով:
Տունը
կ՚այրէր
երկրորդ
յարկէն,
միաժամանակ,
բայց
բոլոր
սենեակներէն
ալ:
Անոնք`
որ
հասած
էին
ամէնէն
առաջ,
տեսած
էին
կրակը
դարձեալ
այդ
պատկերին
տակ:
Ամբողջական
ու
հսկայ
բոցավառո՛ւմ,
նոյն
ատեն
կղմինտրեայ
մասին
մէջ
ալ
լ
ուսաւոր,
ըլլալուն
առանց
քիւի,
նմանութիւնը
ունէր
աղիւսներու
վիթխարի
փուռի
մը,
որ
գագաթէն
կ՚այրի
ու
պատերէն
կը
մնայ
խաղաղ:
Ճերմակ
ու
ողորկ
անոր
ծեփին
վրայ
լոյսերը
կ՚ընէին
բիւրազան
բեկումներ,
ա՛յնքան`
որ
պատուհանէ
պատուհան
անոր
հողէ
մասը
քիչ
տժգունութեամբ
կը
զատուէր
բուն
իսկ
քառանկիւն
բացուածքներուն
շլացուցիչ
դեղնութենէն:
Նոր
փոխուած
թիթեղեայ
խողովակները,
ջուրերը
հաւաքող
տանիքէն,
արդէն
փրթած
էին,
կախելով
իրենց
կիսուած
գլանները,
որոնք
քիւին
խորերէն
հոսող
բոցը
կ՚ոլորէին:
Ու
այդ
քիւերուն
երկայնքովը
կղմինտրէն
կա
փուցուած
ու
դէպի
եզերք
հրուած
կրակի
լայն
շերտ
մը`
պիսակաւոր
ու
ընդհատ
երիզ
մը
կը
թուէր
ագուցած
ըլլալ
տանիքին
չորս
թափերէն:
Ու
լեզուակներ
միշտ
կրակէ,
լիզող
ու
աղուոր,
կը
շրջէին
վեր
ու
վար,
փրթելով
կամ
ոչ,
երբեմն
առնելով
հասակը
բռնկած
օձերու,
որոնք
կիսաղեղ
խողովակէն
կը
ձեւէին
հսկայ
իրենց
գալարները
ու
կը
բզկտուէին
իրենք
իրենց
ժանիքներէն:
Բռնկած
օձեր,
նման
այն
կաս-կարմիր
իժերուն,
քանի
մը
գրկաչափ,
որոնց
հանդիպումը,
ամրան
շողերուն
այնքան
վտանգալից
կ՚ընէ
դաշտի
այգիները,
դասական
ճամբան
լճափ
իջնելու:
Հոն
է,
որ
այդ
սողունները
կը
կանգնին
ուղիղ,
պոչերնուն
վրայ,
երկուքը-երեքը
հիւսուած,
լեզունին
սլաք-սլաք
կայծակելով
ու
կը
կործին
անխելք
կովերուն
քամակին…:
Հնօրեայ
ու
նախանձայոյզ
բնակարանին
վրայ
բոցերուն
սա
հրախաղութիւնը
այնքան
տպաւորիչ
էր,
որ
մարդիկ
կը
տարուէին
անուշիկ
պատկերներու,
Քառասուն
մանուկներու
բազմաչուի
ջահին,
կամ
Ծնունդի
գիշերուան
ամբողջովին
լուցավառ
ժամուն,
երբ
եկեղեցիին
բոլոր
պատերէն,
ու
բոլոր
ձեղուններէն
շարոցը
կ՚իջնէր,
ոտք-ոտք,
բայց
կը
լուսէր
կանթեղները
ու
պատուհանները
կ՚ընէր
հալած
ոսկի,
դուրսի
մութին
վրայ
ձեւուած
վարագո՜յր:
Ու
այդ
զառիթափէն
անոնք
մօտեցան
կրակին
ու
ժամուն
տիրոջը,
որ
վերէն
անշուշտ
կը
զատէր
բոլոր
այս
լեզուները
ու
անոնց
մէջէն
կը
խօսէր
իր
անհաս
բարբառը:
Անշուշտ
վերի
այդ
Աստուածը
բաւական
խելք
ունէր
ջոկել
կրնալու
հաճի
Աննան,
որ
կը
հաւատար,
այնքան
վրան
բաց
ճարտարութեամբ
մը,
զայն
հաճած
ըլլալու
աշխարհիկ
իր
արարքներուն,
պատարագով
ու
երինջով,
եղով
ու
մեղրով:
Պորտային
վերեւի
երկաթահիւս
բացուածքէն
որոշելի
էր,
դէմի
պատուհանէն
դիտողներուն
համար,
ընդհանուր
դիմագծութիւնը
բակին,
ուժգնակի
լուսաւորուած
սանդուխին
ճ
ակ
ատէն:
Կատոզներուն
խճատիպ,
սատափուած
փորերը,
որոնց
վրայ
ոլորւած
գօտեակները,
տարիներու
աղջուրէն
բիւրեղատիպ,
շարժումի
ելած
աղիքներու
պաղ
զգայութիւնը
կը
նետէին
դիտողին,
օճախով
սենեակին
փողոցէն
մարդահասակ
վեր
պատուհաններ,
բոլորն
ալ
առատ
լոյսին
տակ,
կը
պահէին
իրենց
ձեւերուն
անզգած
կապը,
զարհուրագին,
սրտակեղեք
աղմուկին
մէջը
ախոռի
անասուններուն:
Որոշակի
լսելի
էր
դոփիւնը
ձիուն
սմբակներուն,
դրան
ու
պատերուն
վրայ,
արտակարգ
արագութեամբ,
հարուածէն
վեր
ծանրութիւնով
մը:
Կենդանին
փրցուցած
ըլլալու
էր
սանձը,
վասնզի
հարուած
ներուն
կէտերը
կը
փոխուէին
ամէն
րոպէ,
ու
կը
պոռար,
իր
խրխինջովը
յաղթելու
աստիճան
կրակին
բազմաղբիւր
բերաններուն:
Մրրկագոյն
նոյն
խուճապը,
քիչ
մը
աւելի
եղերական,
աւելի
էգ,
միւսներէն,
կովերէն
ու
հորթերէն,
որոնք
կու
լային
մարդկեղէն
հեկեկանքով
ու
հարսներուն
ծիծին
մէջ
կաթը
կը
խռովէին,
այնքան
խորունկ
տպաւորելով
մարդոց
ջիղերը:
Նոյնիսկ
յիմար
հաւե՛րը,
նետելով
իրենց
գարգաչիւնը
այս
անորակելի
լացուկոծին:
Վտանգին
մէջ
կենդանին
կը
վերագտնէ
իր
կորուսած
վայրենութիւնը
ու
կը
կերպաւորէ
մարդկային
իր
ստացումները,
զոյգ
թեւերով
բախելո
վ
գութը
նոյն
այդ
վտանգին:
Բայց
այդ
ամէնէն
վեր,
խուժանին
վրայ
կը
սաւառնէր
ուրիշ
սարսափ
մը,
գեղի
կրակներուն
մէջ
թէեւ
սակաւադէպ,
բայց
բաւական
ամուր,
որպէսզի
ընկճէր
բոլորը:
Յստակ,
բացառիկ,
անորակելի
սաստկութեան
մը
աղեղէն
բաշխուած,
գրեթէ
եղանակուած
ճիչերով
Սարեկենց
Բաբէթը
կը
գոռար,
իր
ջուխտ
մը
հարսներուն
բազուկներուն
մէջ
իյնալով`
զօրութիւն
ու
շունչ
ճարելու,
վերսկսելու
համար
իր
սրտապատառ
կանչուըռտուքը:
Ո՞ւր,
աս
աղմուկին
մէջ,
տան
բնակիչները:
Ոչ
ոք
լսեր
էր
-
մօտի
դրացիներն
անգամ
կը
հաստատէին
ատիկա,
իրենք
առաջին
բո
ցե
րուն
հետ
պորտան
ափ
առնողները
-
աղիքները
կտրտող
այն
ճիչերը,
որոնք
կրակէ
բռնուած
տուներուն
պատուհանները
կ՚ընեն
անլուր
սարսափներէն
մէկը
աշխարհին:
-Ձայնի
կնիքէն,
հասակէն
քակուած
այն
ցրցքնումը,
ըսես`
մեր
հոգեկան
ամբողջ
իսկութիւններուն
փերթ-փերթ,
թել-թել,
փշուր
-փշուր
խառնուրդի
մը
վերածումը,
որով
մարդիկ
մեռնելէն
առաջ,
պատուհանի
մը
քամակին
կը
պարպեն
կարժառը
իրենց
օրերուն,
աճապարոտ,
նոփ-նոր
բան
մը
թափողի
անձուկով
ու
կ՚ընեն
ատիկա
ոչ
մէկ
հոգեվարքի
մէջ
դիտուած
տանջանքով:
Կրակով
մահը
ամէնէն
առողջն
է
մահերուն,
ու
ատով`
ամէնէն
կսկծալին:
Օգնութեան
ձեռնարկներէն
առաջ,
շատ
առաջ,
ամէն
հասնող,
ձայնի
ամէն
սանդուխներով,
պոռացեր
էր,
դրան
ուռնակը
ժամուն
կոչնակին
պէս
կախելէն,
անունները
տան
բնակիչներուն,
մէկիկ-մէկիկ,
երկար-երկար,
կրակին
սղոցատիպ
ճարճատումէն
շատ
աւելի
բարձր:
Այս
կանչերը,
սկիզբները
եռանդուն,
որովհետեւ
յուսալից,
ու
խոշոր,
նպատակ
ունէին
քունէն
արթնցնելու
ներսինները,
քանի
որ
կրակը
դեռ
բոց
էր`
ձայն
ըլլալէ
աւելի:
Անոնց
արձագանգեցին
ախոռները,
իրենց
կենդանիներով:
Մարդկեղէն
հագագի
պակասը
ու
րոպէէ
րոպէ
տունին
չոր
ու
ճարճատիլ
առած
լռութիւնը
համակեր
էր
պոռացողները
խորունկ
բեկումով:
Ու
գրեթէ
խենթեցած,
առանց
խորհելու
իրենց
ճիչին,
որ
ուժասպառ
կերկերումի
կը
փոխուէր,
շարժումով
կը
ջանային
փոխարինել
դաւաճանումը
իրենց
կոկորդներուն
ու
կը
վազէին
վերվար,
մէկ
սենեակէն
միւսին
տակը,
խռպոտ-խռպոտ,
արտաբերել
կարծելով
անունները
վերիններուն:
Սրտառուչ
էր
հաց-եփ
Մարթան,
որուն
հսկայ
փորը
նեղ
ընելուն
հակառակ
շունչը,
կը
պատռտէր
ինքզինքը,
ազդարարութիւնը
ընդունելու
չափ
հաճի
Սողմէնին.
-Մարթա՛,
ի՛նչ
կ՚ընես:
Ակնարկութիւնը
նիւթ
ունէր
քաջարի
կնիկին
փափուկ
վիճակը:
Պատահած
են
այս
տեսակ
ճիգերու
հետեւանք
ապաժամ
ծնունդներ:
Հաճի
Աննայի
սիրական
ընկերուհին
չէր
մտածեր
սեփական
իր
սրտին,
որ
տարին
երեք-չորս
հեղ
կը
կենար,
աւրըւած
ժամացոյցի
պէս,
երբ
տղաքը
իրարու
գլուխ
կը
պատռէին,
անաստուած
իրենց
կիներուն
քսութեան
երեսէն
ու
հար
ուստի
իր
պառաւութիւնը
ընէին
բերնի
ծամոց
աժեմին
ու
շաժեմին:
Ան
ալ
կը
պոռար
ու
կը
պոռար.
-Հաճի՛
Աննա,
հաճի՛
Աննա:
Ճիգէն
յետոյ
ձեռքը
դնելով
սիրտի
մարզին,
հանգչեցնելու
համար
անոր
ուռեցքը:
Ու
կը
զսպէր
լացը,
մենծ-կնիկի
անվայել,
վտանգի
ատեն,
երբ
գործ
է
հարկաւոր:
-Մուրս
ի
վրան,
Յիսուս
Քրիստոս,
-
կը
մղկտար
հաճի
պառաւը,
յիշելով
Ս.
Յարութիւնը,
մութ
ու
լոյս
առտուն
Զատկըւան,
մանիշակագոյն
ու
ցոլացիկ
շուրջառով
վարդապետները,
ու
դեղնորակ
ոսկեջուրի
մէջ
կարծես
հիւսուած
մենծ-
վարդապետը
-
(պատրիարք)
-,
որ
այդ
զգեստաւորումին
մէջ
կարծես
լքած
կ՚ըլլար
մարդկեղէնը
իրմէն
ու
հալելու
պատրաստ
բան
մը,
ատանկ
թեւ
բացող
դէպի
գմբէթը…:
Ո՜վ
յիմարութիւնը
մարդոց
յիշատակներուն:
Իրարանցումին
գլխաւր
զսպանակը
կը
մնար
հեռանկարը,
գրեթէ
ստուգութիւնը
մարդկային
կորուստին:
Մէկը
մտածեց
հաճի
Աննան
հիւր
ղրկել
ո
վ
գիտէ
ու՛ր:
Բայց
դրացիները
հոն
էին`
հերքելու
համար
ատանկ
ձրի
ենթադրութիւն
մը:
Անոնց
լոյսը
հանգա՛ծ,
ամէնօրեայ
իր
ժամուն:
Անոնց
դուռը
փակուած
հաճի
Աննայի
ձեռքով:
Ատկէ
զատ,
գիշերուան
որոշ
ժամէ
մը
ետքը,
թաղը
ամբողջ
գիտէր
ատիկա,
Նալպանտենց
տունը
դուռ
չէր
բան
ար:
Չէր
բանար
նոյնիսկ
հարիւրապետին:
Հաճի
Աննան
հիւր
կ՚ընդունէր:
Բայց
լսուած
չէր
անոր
հիւր
երթալը
ուրիշին,
քառսուն
տարիէ
ասդին:
Կրակի
կատաղութեան
առանց
ուշ
դնելու,
սիրտը
այրած
պառաւ
մը
չվարանեցաւ
քշելու
դասական
սրամտութիւնը.
-Հաւկիթները
կը
պաղին
նէ…
Հաւկի
թն
երը
ոսկիներն
էին,
որոնց
վրայ
թուխս
կը
նստէր,
կը
պառկէր
գիշերները,
Նալպանտենց
հաճի
Աննան:
Ուրիշ
խումբ
մը,
փեսաները,
առանձին
պոռալէն
յոգնած,
իրարու
մօտեցուցին
իրենց
գլուխները,
համանուագ
պոռչտուքի
ելլելով:
Տարօրինակ
էր,
որ
չմտածէին
կրակը
մարելու,
ոչ
ալ
անոր
ա
՛լ
անսանձելի
մեծութեան,
որքան
մարդերը
ազատելու
իրենց
հաշիւներէն
թելադիր:
Կը
զարտուղէր
Իսրայէլը,
որ,
ձեւի
թէ
հաճոյքի
համար,
հսկայ
սափորներով
իր
միջամտութիւնը
կը
բերէր
էմմի
օղլուին
աղէտին:
Շատ
էին
անոնք
ու
կարգախօսէ
մը
ինչպէս
կտրուած,
առանց
ձայնի
կը
կրէին
ջուրը,
թափելով
պատերուն
փողոցին
հասողութեամբը
ու
ոչ
ոք
կար
հարցնող
յիմարութիւնը
այս
ոռոգումին:
Տունը,
լուռ,
կը
պատասխանէր
այս
վայնասունին,
իրարու
ետեւէ
հեւքի
ու
ոտքի
հանելով
իր
պատուհանները:
Մարդկային
հագագէ
դուրս,
խուլ
ու
եռացող
խժուք
մը
կը
պատմէր
վերնայա
րկ
ի
իւղոտ
տախտակներուն
մարխի
նման
պլլուիլը
կրակով:
Նոյն
ատեն
Նալպանտենց
մառանը
(շեղում
մըն
էր,
որ
ուտելիքներուն
պահեստը
ձգէր
գետնայարկը
ու
բարձրանար
երկրորդ
յարկ:
Ըրած
էր
այդպէս
հաճի
Աննան
գողութեան
մը
(ծառաներուն
կողմէ)
կանխահոգ
զգուշութեամբը)
մեծկակ
պայթ
ումով
մը
դողացուց
ջահուած
տունը:
Եղին
գուբը,
հաճի
Աննային
նշանաւոր
գուբը
կը
կոտրէր,
չդիմանալով
կրակին
ու
անոր
պարունակութիւնը
մաքուր,
մոմեղէն
պայծառութեան
մը
նման
աւելցաւ
կրակին:
Հաճի
Աննան
Վարդավառին
չէր
ծախած
գուբին
հեղուկը
ով
գիտէ
ի՛նչ
հաշիւներով:
Միւս
կողմէ`
հիւրանոցին
ապակիները,
ջարդուփշուր,
կը
նետուէին
դէմ
ու
վար,
անցք
տալով
պղտոր
ջուրի
մը,
կրա՛կ`
որ
թափուելու
տեղ
կ՚ելլէր
վեր:
Մուխը
դեռ
չէր
ճապաղած
ու
ձիւնի
պէս
մաքուր,
կը
թրթռար,
ինքզինքը
կը
գզէր
հսկայական
բամպակէ
կծիկներուն
նման,
կամ
նման
մեծկակ
ալիքներու,
որոնք
իրենց
բաշերը
կը
սանտրեն
հովին
թեւերով
ու
փրփուր
կ՚ըլլան:
Ու
անոր
կոհակները,
պտուտքող
ու
տարօրէն
արագ
իրարու
կը
մտնէին,
փախչելու
ատեն
սանձուած
ու
կը
պրկուէին
իրենց
առանցքներէն,
քշուելով,
հրուելով
դէպի
վեր,
կրակներուն
կայծերովը
անդադար
հարուածուած,
հալածուած
ու
հեւասպառ:
Բայց
տեսարանին
ամէնէն
խորունկ
յուզումը,
ա՛ն`
որ
տարիներ
ետքն
ալ
պիտի
պատմուէր
մայրական
սրտի
իբր
գերագոյն
արտայայտութիւն,
կու
գար
խնամի
Բաբէթէն:
Աւելի
անդին,
քան
ոեւէ
խելագար,
ուրկէ՞
կը
ճարէր
թշուառական
մայրը,
չոր,
քիչ,
արդէն
ճաթա
ծ
իր
ոսկորներէն`
սա
լեղապատառ
աղաղակը,
որ
միս-մինակը
կը
բաւէր
բոլորին
ալ
դէմ:
Ան
ի՜նչ
սուր,
գամերու,
ասեղներու
ծայրերուն
նման
անոր
ամէն
մէկ
վանկերը
կը
կսմթէին
մարդոց
միսերն
ու
հոգին:
Ձայն
ըսես
չըլլար
այդ
թելերու
արձակումը
դէպի
կրակ
թափող
պատուհանները:
Չըլլար
ողբ:
Ըլլար
աղերս,
անէծք,
գութի
հրաւէր,
ուղղուած
կրակին:
Ու
անիկա
կը
տիրապետէր
բոցերուն
անզգած
լրբութեան,
որոնք
կ՚ընկրկէին
կարծես,
քաշելով
իրենց
հրէշային
լեզուները
ներս,
րոպէի
մը
համար:
Ու
անոր
ետեւէն,
հարիւրաւոր
բերաններ
նոյն
աքցանումին
ներքեւ,
կ՚արտաբե
րէ
ին
նոյն
բզկտումը,
ըսես`
փերթ-փերթ
դուրս
հոսումը
հոգիին
արիւնին:
Նալպանտենց
հարսը
ամբոխին
մտքին
կ՚ապացուցանէր
իր
տեղը:
Անոր
անունը
դեռ
կը
պահէր
հինգ
տարիներու
սրտառուչ
իր
համը:
Ու
վերջին
գայթակղութիւնը,
բոլորովին
անպաշտօն
-
ոչ
ոք
գիտէր
հաճի
Աննային
դաւադ
իր
արարքը
-,
կը
թուէր,
կը
սրբուէր
սա
բոցերուն
հետ:
Եկաւ
պահը,
երբ
հալած
պատուհանները,
բոլորը
մէկ,
ինչպէս
ջրարգելի
մը
յանկարծ
բացուող
փակոցներէն,
արձակեցին
կրակին
հեղեղը
վեր,
-
հանդարտ
ու
հաստ,
խորքէն
ակօսուած,
վէտ-վէտ
ու
պճպճուն
հոսանք,
որ
մեր
սրտին
մօտ
բաները,
անարժան
գտնելով
հողին
ու
մուրին,
կ՚առնէ-կը
տանի
այնքան
խորհրդաւոր
ձգողութեան
մը:
-Աղջի
Աղուո՜ր,
Աղուո՜ր,
Աղուո՜ր:
Խլացուցիչ
ըլլալէ
շատ
վեր
բան
մըն
էր
Սարեկին
բերնէն
սա
աղաղակը,
ա՛լ
անգիտակից,
գրեթէ
իմաստէ
զուրկ,
քանի
որ
խեղճ
կինը,
պատուհաններուն
հասո
ղո
ւթենէն
բռնի
հեռացուած,
չորս-հինգ
բազուկներու
մէջ
շղթայապիրկ,
բայց
զոր
իր
հասակը,
ոտքերը
գետնին
զարնելէն
երկու
թիզ
վեր-վեր
նետելով
կը
պոռար
ու
կը
պոռար,
ճիկէրը
փետտելով
կուրծքէն
ու
փետտելով
ամբոխին
ալ
հոգին:
Անիկա
կրակին
անձրեւէն
կը
փնտռէր,
ամէնուն
անհասկ
նալի
յամառութեամբ
մը
ու
կը
կոծէր
կուրծքը.
-Ես
քեզ
մեղա՜յ,
ես
քեզ
մեղա՜յ,
ես
քեզ
մեղա՜յ…
Որո՞ւ:
Մահուան
առջեւ
միայն
իմաստ
ունեցող
այս
բանաձեւը
արթնցուց
կասկածը
խնամիէ
խնամի
քէնի
մը:
Բայց
Սարեկի՞ն
էր
մնացեր
չափուիլ
Նալպանտենց
տիկինին
հետ:
Չհասկցաւ:
Միւս
կո
ղմ
է`
կրունկով,
կռուփով,
կռնակով,
յետոյքով
ամբոխը
կը
ջանար
խորտակել
պորտան:
Ու
աճապարանքին
տենդէն
աւելի,
նուաղ
յոյս
մը
պատճառն
էր
այս
տագնապին:
Օճախով
սենեակը,
ինչպէս
բակը
չէին
առնուած
կրակին
թեւէն:
Յիշեցին
թուրք
գեղի
մը
կրակը,
որուն
մէջ
տան
բնակիչները
բերա
ննուն
թխմուած
լաթով
ու
շղթայուած,
ձգուեր
էին
բակը,
խօսելու
անկարող:
Աւազակները
ըրած
էին
այդ
տարօրինակ
կարգադրութիւնը,
հաւատարիմ
մնալու
համար
իրենց
երդումին,
որով
կը
խոստանային
տունինները
չսպաննել
ու
կրակին
յանձնած
էին
զանոնք
մաքրելու
գործը:
Կրակը
յապաղած
էր
ու
օգնութի՛ւնը
ազատած
թշուառական
արարածները:
Հաւաքական
այս
ճիգը
հսկայական
դուռին
դէմ
կշիռ
չունէր:
Գիտէին
ատիկա,
բայց
կը
կրկնէին
իրենց
հարուածները
ներքնապէս
համոզուած
անոնց
ապարդիւն
ըլլալուն,
քանի
որ
պորտան
ետեւէն
պաշտպանող
գերանը
մէջքին
մէկ
նեարդն
իսկ
չէ
ր
ծռեր
եօթը
գոմէշներու
ուժին:
-Սանդուխ
մը,
թէ՛զ,
սանդուխ
մը…
Պոռաց
վերջապէս
Աղուորին
մեծ
եղբայրը,
հազիւ
շունչ
առնելու
ատեն
գտնելով,
հեւասպառ
էր
հասեր,
կրակին
տեղը
իմանալէն
ետքը,
զուր
տեղը
վատնելով
թանկագին
րոպէներ`
փնտռելու
համար
մայրը,
որ,
առջի
աղմուկին,
մունետիկէն
ու
զանգակէն,
նոյնիսկ
հրացանէն
ալ
առաջ
արթնցեր
էր
զարհուրագին
երազէն:
Այդ
երազին
մէջ
անիկա
կը
տեսնէր
Սողոմենց
տղան,
որ
գիրկով
կը
փախցնէր
Աղուորը,
բոցերուն
մէջէն
քալող,
ու
երկինքը
ճամբայ
ընելով:
Ինչպէ՜ս
վազեր
էր
պատուհան
ու
տեսեր
կրակին
ոսկի
փայ
լա
կները,
ճամբու
պէս
լայնկեկ
ու
երկարող,
որոնց
վրայ
անիկա
հաստատել
կարծեց
քունին
ցնորքը,
իր
աղջիկը,
ազատուած
Մեղքին
գիրկովը:
Անիկա
թռչունի
թեւով
հասեր
էր
կրակին
ու
հակառակ
բուռն
ցանկութեան,
չէր
կրցած
երազին
ստուգութիւնը
պատմել
վաղայարոյց
կիներուն:
Երիտասարդ
ը
մօտ
էր
խելքը
թռցնելու,
այնքա՛ն
կը
հեւար
վախէն
ու
յոգնութենէն,
որ
մէկը
դոյլով
ջուրը
երկարեց
անոր
քրտնած
գլուխին:
Նոյն
ատեն
անոր
թելադրութիւնը
արձագանգ
ու
հաւանութիւն
գտաւ
բոլորէն,
որոնք
ձեռքերնին
զարնելով
յիմար
իրենց
գլուխներուն,
«դդումներուն»,
բացին
խժալուր
իրենց
բերանները:
-Սանդու՛խ
մը,
սանդու՛խ
մը…,
-
կ՚աղաղակէին:
Հաճի
Սողմէնը
զարմացաւ
Օհանին
խելքին:
Հաճի
Աննային
ընկերուհին
մէնը
զարմացաւ
Օհանին
խելքին:
Հաճի
Աննային
ընկերուհին
բաւական
հարուստ
էր`
աղքատներուն
մօտ
խելք
ընդունելու
համար:
Իրողութիւնը
ան
է
ր,
որ
Սարեկենց
տղան,
ճգնաժամային
այդ
րոպէին,
կը
հպատակէր
իր
պատանութեան
ամէնէն
ցնցող
յիշատակին:
Սանդուխին
գաղափարը
բուսած
էր
անոր
մէջ,
թելադրուած
նման
պարագայէ
մը:
Ան
ականատես
էր
եղած
նման
ձեռնարկի
մը,
դարձեալ
կրակի
մը
առաջ,
նաւահանգիստին
մէջ
հրդեհի
մը
ատե
ն,
ուր
իջած
էր
մօրը
հետ,
ասոր
սանկ
ու
նանկ
մէկ
հիւանդութիւնը
դարմանելու
չըսուելիք
տեղէ:
Ինչու՞
մայրը
չէր
պոռացեր
ինչ
որ
անոր
ալ
միտքը
գրաւեր
էր
տարիներով:
Ու
կրակը
քաղաքի
ալ
էր,
որուն
մէջ
բոցերը
շատ
աւլի
կատղած
կ՚ըլլան,
տուներուն
իւղաներկ
ծեփին
պատճառով:
Մ
նաց
որ,
քաղաքին
ամէն
բաները
քանի
մը
գիրկ
-
չափ
-
աւելի
կ՚ըլլան
միշտ,
սկսելով
գինովներէն
մինչեւ
կնիկներուն
արգանդները:
Սանդուխը
չփնտռուող
առարկան
է
ձիթենի
ունեցող
գեղերուն
մէջ:
Փակցուցին
պատին
քանի
մը
հատ:
Եւ,
իրարու
ետեւէ,
փոյթ
իսկ
չընելով
իրենց
ծանրութիւ
նն
երը,
որոնց
տակ
կրնային
բարակ
սիւները
կոտրել,
նետուեցան
մարդիկ
Օհանին
հետ,
սրտառուչ
գեղեցկութեամբ
մը,
տանիքը`
պորտայի
յառաջադիր
հովանոցակին:
Նպատակ
կար
փլել
մաս
մը
այդ
տանիքէն,
անջատ
ու
հազիւ
հասնող
վերնայարկի
ստորագիծին:
Նախապէս
այդ
հովանոցակները
միայն
դուռը
կը
պաշտպանէին
ու
բաց
կը
ձգէին
բակին
վրան:
Գողութիւնները
ստիպեցին,
որ
դուռը
ծածկող
տանիքը
յառաջանայ
ու
հասնի
տանը
պատին:
Պիտի
բանային
անցք
մը
դէպի
վար,
իջնէին
բակ,
փնտռելու
համար
մարդերը
կատոզներուն
տակօք:
Օճախով
սենեակը
թէեւ
լուսի
մէջ,
շատոնց
էր
խուզ
արկուած
երկաթ
վանդակով
պաշտպանուած
պատուհաններուն
դուրսէն:
Անոնք`
որ
կռնակէ
կռնակ
հոն
էին
շուլլուած
ու
կառչած
վանդակին,
կը
հաստատէին
մարդկային
հետքի
պակասը:
Երկու
վայրկեանը
բաւած
էր
անոնց
կրունկներուն
ու
աքցանի
պէս
զօրաւոր
մատներուն
-
հիւսներ
էին
այդ
տղաքը
ու
տունին
բնախօսութեան
մասնագէտ,
ինչպէս
նաեւ
անմրցելի
տան
մը
ոսկորները
քրքրելու
կամ
վերակազմելու
արհեստին
մէջ
-,
բանալու
քանի
մը
ծակ,
կախելու
սանդուխները
անոցմէ
վար,
իջնալու
ցած,
քաշելու
համար
պորտային
գերանը:
Ամբոխը
խուժեց
գրեթէ
միակտուր:
Օհանը
վազեց
օճախով
սենեակը:
Բաց
գտաւ
դուռը,
հակառակ
Նալպանտենց
սովորութեան,
որ
բոլոր
ծակերը
գոց
կը
պահէր,
փողոցին
պորտան
անգամ
կիսովին
արտօնող:
Տախտակամածին`
բազմոցին
բարձե՛րը.
ճմռկուած:
Ի՞նչ
գործ
կրնային
ունենալ
ասոնք,
սենեակին
այսպէս
գրեթէ
մէջտեղը,
հեռացած
իրենց
պաշտօնական
անկիւնակապերէն:
Կրակին
լոյսը
պարզ
կ՚ընէր
պատկերը
ու
իրերը
տեսանելի
էին
իրենց
բոլոր
մանրամասնութեանց
մէջ:
Բարձերուն
մէկուն
վրայ
ժապաւէնի
կտոր
մը,
որով
հարսները
երբեմն
կը
վերջացնեն
մազերուն
հիւսքը:
Օհանին
ոտքը
դպաւ
երկաթի
պէս
կարծր
առարկայի
մը:
Ծռեցաւ,
-
դուր
մըն
էր,
երկու
թիզ
հասակով:
Ի՜նչ
գործ
ունէր
ասիկա
ալ:
Տախտակամածին
վրայ
ջուրի՞,
թէ
ուրիշ
հեղուկի
մը
կլոր-կլոր
արատները,
ո՛րը
մեծ,
ո՛րը
փոքր:
Անգոյն,
որպէսզի
չշփոթուէին
արիւնի
հետ:
Ուրիշ
ամէն
բան
իր
տեղը:
Մա՞րդ:
Հոտն
իսկ
չկար:
Մէկէն
ծանր,
մարդկեղէն
ճենճի,
կպչուն,
կերակուրի,
խորովածի
շատ
որոշ
հոտ
մը,
որ
տպաւորեց
զարհուրագին
ստուգութեամբ
մը:
Բոլորը
մէկ
ճուացին
բակէն:
Օհանը
վազեց
դուրս:
Ոչինչ:
Կրակին
տեղ
լայն
ու
կուրցնող
լոյս
կար
հոդ:
Ու
ճերմակ
ծուխը,
որ
վերնայարկի
յատակը
ու
բակին
առաստաղը
կազմող
տախտակամածի
գիծերէն
մլիկ-մլիկ
կը
բխէր
ու,
դանդաղ,
օրօրուն,
վար
իջնելու
անկարող,
նիհար
իր
թելերը
կաթի
մը
գգուանքովը
կ՚երկարէր
չորս
դին,
մշուշելով
գերանները:
Մարդիկ
կանգ
առին
սանդուխի
մը
առջեւ,
որ
կը
տանէր
վերնայարկ:
Կ՚այրէր
անիկա,
առատ
ու
աղուոր,
շեմի
մեծ
մարմար
ք
ար
էն
սկսեալ
արմանքի
մէջ
թողելով
բոլորը:
Երբէ՞ն
ի
վեր
քարերը
կ՚այրէին:
Գեղացին
չէր
տեսած
ատանկ
պատահար:
Ու
կապտաւուն
ալ
էր
բոցը,
որ
քարին
կապուտիկ,
ծիածան
երակները
կարծես
կը
ծծէր
ու
կը
պարպէր:
Ու
կ՚եփէր
ալ
քարը,
կարծես
իւղին
մէջ
տապկոցի
ձգուած
նաշիհէ
բաղար
ջ
ըլլար:
Մէկը
ոտքով
դպաւ
թիթեղի
մը,
որ
զատ
ջահ
մըն
էր,
ամբողջութեամբ
ճերմակ,
ու
մեծաքանակ
լոյս
սփռող,
մինչ
մէկ
ծակէն
սեւի
մօտ
բարակ
գիծ
մը
ուժգնակի
կը
սուլէր
ու
կը
սուրար,
օձի
լեզուի
նման,
բայց
որ
երկայն
էր
շատ
աւելի:
Աւելի
խոշոր
ծակէ
մը,
նոյն
այդ
թիթեղի
ե
րեսէն,
ուրիշ
սիւնակ
մը
բոց,
կարմիր
ու
կլոր,
կը
նմանէր
ոսկիի
ձողի
մը,
որ
հրաշքով
մը
կակուղնար
ու
ծփար,
դէպի
վեր,
առանց
կոտրտելու
ու
լեզւաձեւ
մարմրէր
օդին
մէջ:
Խաղտեցան
անոնց
աչքերը:
Բակէն
դէպի
վերնայարկ
սանդուխը
յաճախ
պաշտպանուած
կ՚ըլլայ
փայտահիւս
վանդակով:
Դուռ
մը
զայն
կը
մեկուսացնէ
բակին
արձակութենէն:
Ուլերուն
եւ
հաւազգիներուն
գրոհին
դէմ
վերերը
զգուշացնող
այս
կառոյցը
աւելորդ
զարդ
մը
չէ
հարուստներու
տունին
մէջ:
Մէկը
յիշեց
ամիս
առաջուան
պատարագը,
տամէճաններով
օղին,
Ալուկին
սքանչելի
խաշը
ու
իր
հերոսութիւնը,
որ
խորտակած
էր
վանդակին
մէկ
կարեւոր
կողմը,
ոտքի
հարուածով
մը:
Հաճի
Աննան
ուրախ
էր
եղեր:
Գինովութեան
մէջ
կորուստը,
կոտրուիլը
խեր
կը
բերեն
տունին:
Փնտռեց
այդ
մէկը
իր
գոյացուցած
ծակը:
Չկար:
Կ՚այրէր
վանդակը
ամբողջ,
տակաւին
կէսով
պահելով
շեղանկիւն
քառանկիւններու
անհամար
իր
փախլաւա
ները:
Բոցը
լեցուցած
էր
աչքերը
սանդուխին,
ու
ջնջած
անոնց
էջքի
տարբերութիւնը:
Դէպի
վե՞ր:
Յիմարութիւն
էր
ատոր
մտածելն
անգամ:
Երկրորդ
յարկը
կտրւած
էր
հաղորդակցութենէ
անդարման
եղանակով:
Մէկը
շրջել
փորձեց
առջեւի
մարմարին
մարմինը,
ոտքը
դրաւ
առաջին
աչքին:
Յիմար
էր:
Քաշեցին
զինքը
ետ:
Գուլպաները
խանձած
էին:
Խղդող
ջերմութիւն:
Զօրաւոր
հով
մը
կը
փչէր
պորտայէն,
առնելու
ու
կրակին
մէջ
նետելու
չափ
լաչակները
կիներուն:
Եղան`
որ
վախցան
ու
ետ
քաշուեցան,
այնքան
զգալի
էր
հովին
թաթը
իրենց
կռնակներուն:
Սանդու
խին
մարմինը,
հաստ
տախտակ,
դանդաղ
իր
այրումին
մէջ,
խենթեցաւ
յանկարծ,
արծարծուելով
ուժգին
հոսանքէն
ու
երկարեց
իր
բոցերը
վերեւի
բացուածքին
լման
կրակ,
առանց
մուխի:
Տպաւորի՛չ,
գեղեցիկ
ըսուելու
չափ`
բացուածքին
տեսարանը,
որ
կը
նմանէր
վերնադուռին
կիսակամար
շրջանակ
ովը
աղեղուած`
հսկայական
կատոզի
մը,
ձիթապտուղի
տեղ
բոցով
լեցուած,
բայց
դեռ
յատակ
չանցուած:
Ամէն
տղայ
-
հոդ
գտնուողները
բոլորն
ալ
եղած
են
այդ
բանը`
տղան
-
խաղացած
է
այդ
ամաններուն
վիթխարի
փորին
մէջ,
երբ
կողերնուն
վրայ
երկարած
հինգ
հազարնոց
այդ
տնակները
երկին
քը
կալի
մը
կաղապարով
կը
տակառեն,
ու
փոքրագոյն
հարուածով
մը
մեծադղորդ
կ՚արձագանգեն:
Վերնադուռը
հարուստ
տուներուն
մէջ
կը
դիտուի
ու
տղաքը
կը
պաշտպանէ
սանդուխներէն
վար
հոսելէ:
Ճիշդ
տակառի
մը
գլանովը
բոցը
կը
խորանար
անկէ
ներս:
Ըսես
հրաշք
մը
բռնէր
ու
չթափէր
կարմ
իր
հեղուկը:
Գիրքերը
կարծեմ
շատ
բառեր
ունին
կրակին
ձայնը
պատկերող:
Չեմ
գիտեր,
թէ
անոնք
գրողները
եղա՞ծ
են
կրակին
մօտիկ`
լսելու
համար
այդ
վանկերը:
Սխալ
պիտի
չըլլար
թերեւս
այդ
աղաղակը
նմանցնել
ատամներու
կճրտումի
մը,
հսկայական
երախի
մը
մէջէն:
Ու
կ՚եռար
տունը
ան
ոն
ց
գլխուն
վերեւ:
Շատցան
հարուածները:
Սենեակներու
առարկաները
կը
նետուէին
պատէ
պատ
ու
գամերը
կը
ցատկէին
վար,
քիչ
ետքը
ծակելու
համար
տախտակամածը:
Իրաւ,
արագ,
գուշակելի
բզկտումը
տեղի
կ՚ունենար
վերը,
տանը
տարրերուն,
ընդմիջուած
անմեկնելի
պայթիւններով:
Եղաւ
համազ
արկ,
զարհուրելի
արագութեամբ:
Հարուածները,
ճշմարիտ
հրազէնի,
անհաշուելի,
կը
յաջորդէին,
խափանելու
աստիճան
գերաններուն
նեարդ-նեարդ
գալարումը,
ու
թուղթի
պէս,
պատռտուող
թուղթի
պէս
ձգած
աղմուկը:
Խորհեցաւ
ատրճանակին:
Ամէն
մարդ
գիտէր
Սերոբին
ատրճանակները,
հարիւրապ
ետին
արտօնագիրը:
Ասոնք
պիտի
գործածուէին
գողերուն
ընդդէմ:
Գիտէին
նաեւ,
թէ
Սերոբը
ատոնք
կը
պահէր
սնտուկին
մէջ
իր
կնոջը
ու
կը
վախնար
անոնց
ձեռք
կարկառելու:
Մօրը
կտակն
էր
այդ
սարսափը
իր
մէջ,
ներշնչուած
մանկութենէն
ու
արմատացած
ա՛լ,
քանի
որ
անոր
կեանքը
տան
աղջի
կի
մը
կեանքէն
տարբեր
պիտի
չըլլար:
Յանկարծ,
վերնայարկի
տախտակամածէն,
հացի
կլորութեամբ
ծա՛կ
մը:
Տախտակը
հալած
էր
այդ
կէտէն:
Մուխի
հաստկեկ,
ողորկ,
շարաւագոյն
գլան
մը
հրուեցաւ
վար,
շառաչուն
ու
բիրտ:
Ու
կայծե՜ր,
բայց
խոշոր,
սիսեռէն
աւելի,
ու
հաստատ
մասերով:
Արագ,
այդ
սիւնակին
ակռաներէն
կրակին
կաթիլները
ցրցքնուեցան
բակը
լեցնողներուն
գլխուն,
ու
անոնք
խանձեցին
լաչակ
ու
մազ:
Րոպէաբար
ծաւալեցաւ
այրուցքին
հոտը,
դուրսի
մարդոց
մէջ
առաջացնելով
հսկայ
պոռչտուք:
-Կ՚էրին
կո՜ր,
կ՚էրին
կո՜ր…
Խուճապին
առաջին
շունչն
է
աս
ճչոցը:
Դուրսինները
ներս
խուժելու
իրենց
շարժումին
մէջ
չէի՞ն
մտածեր
սեփական
իրենց
գլուխներուն:
Իրողութիւն
էր,
որ
ներսէն
ոչ
ոք
կար
փախչիլ
մտադրող,
կարծես
չհաւատային
այդ
կործանումին:
Բայց
ակնթարթի
մէջ
այդ
ծակերը
բազմացան
իրենց
գլխուն
վերեւ:
Րոպէ
մը,
գամի
գլո՛ւխ`
իսկ
ոյն
կլոր`
ինչպէս
ափ
մը,
քանի
մը
երկվայրկեան
յետոյ`
անոնք
կ՚ըլլային
հացի
չափ
կլորակ:
Ու
մա՜զ
կար
անոնց
վրայ,
ընդարձակ
մազ
մը,
երկրորդ
յարկին
յատակէն:
Նոյն
ատեն
սկսաւ
կրակին
անձրեւը,
այս
անգամ
խոշոր
-
խոշոր:
Մէկը
կատակեց.
-Կարկուտ
է,
տղաք:
Անկումին
մէջ
տարացա
ծ
ու
ճերմակի
մօտ
փայլով
այդ
կոտորուանքները
բազմացուցին
այրուցքին
ու
բռնկումին
դէպքերը:
-Դո՛ւրս,
դո՛ւրս,
-
կը
պոռային,
բայց
դեռ
կը
դանդաղէին
բան
մը
աւելի՞
տեսնելու,
թէ
ազատելու
աճապարանքին
մէջ,
հռչակաւոր
այն
բակէն,
ուր
հարիւր
տարիէ
ի
վեր
ուղտերը
չէին
զանցեր
«ծունր
դնել»,
ինչպէս
կ՚որակէր
ուղտերուն
նստիլը
Արմաշէն
նոր
հասած
գիտնական
վարժապետը,
ա՛ն
որ
Հայկ
դիւցազնը
գոց
գիտէր
սկիզբէն
մինչեւ
վերջը:
Ուրկէ,
անոնք,
«անապատի
այդ
նաւերը»,
կրած
էին
ոսկի
ու
պղինձ,
հաճի
Արթինին
դարուն,
ու
սեւ
ոսկեհատիկ
`
հաճի
Սերոբէէն
ասդին:
Ու
եղ
ու
խոզակ,
ճերմակ
ոսկի
աս
բերքն
ալ:
Ուր
խաղցած
էր
հաճի
Սառան
անօրէն
իր
պարը,
մուշտակի
դեղնութիւնը,
ադլասին
ոսկին
հալեցնելու
ու
երեսին
գոյնին
հետ
մէկ
ընելու
աստիճան
արագ,
ելլելով
մարդկեղէն
ձեւէն,
ընելու
համար
իր
մարմինը
կախարդի
խմոր`
աղէտ
ու
կրակ,
որով
էրած
էր
սիրտը
գեղին
քաջերուն:
Ո՞վ
բռնեց
այդ
չարաղէտ
կնոջ
ուրուականը
սա
կրակին
դէմ:
Ո՞վ
հանեց
հին
ոճիրը
մէջտեղ,
որ
չէր
ստուգուած,
բայց
չէր
ալ
հերքուած,
եւ
որուն
համեմատ
ան
իր
ծոցին
մէջ
սեղմած,
սեղմած,
խղդած
էր
գեղին
ամէնէն
քաղցր
պատանին,
զայն
նետելու
համար
սա
կղմինտրի
գոյն
խաչով
տակառին
մէջը:
Յանցա՞նքը:
-
Բայց
սէրը,
անոր
շատութի՜ւնը:
Հաճի
Սառա՜:
Հասնէիր
ո՛ւր
որ
ես…:
Կրակի
այս
հանդէսին,
բակը
հագուեցնող
փարթամ
այն
բա՛նը
նորէն,
որով
հովանաւոր
են
հարուստներուն
խօսքերը`
ինչպէս
գործքերը
եւ
որ
կը
յամենար,
ծակելու,
լեցնելու
չափ
աղքատին
ու
միջակ
մարդոց
աչուըները
իր
տարապարտ
շքեղութեամբը:
Ընդարձակ
ու
խուժդուժ
սա
լուսավառութեան
մէջ
այդ
կատոզները
դադրեր
էին
իրենց
հաստ
իմաստէն,
ու
վերածւած`
բոցերուն
նպաստովը
անրջահիւս
դէզերու,
-
սուտակ,
ադամանդ,
զմրուխտ
ու
ոսկի:
Բռնկած,
առանց
կրակի:
Բիւրափայլ`
ինչպէս
երազի
մը
տարօրէն
դիզուած
պալատներ
հեքիաթին
ահաւոր
աղջիկներէն:
Կէս
դարէ
ի
վեր
աղջուրը,
բիւրեղացած
ու
բիւրեղացած`
կատոզներու
կողերուն,
ուլունքած
էր
անոնց
գօտիներուն
ականակուռ
փաթերը:
Մշտական
կիսամութին
մէջ,
սեւի
մօտ`
սառած
այդ
աղին,
փոշիները
օր-ցերեկով
աննշմարելի,
ծխոտ
ճրագներուն
մէջ`
խուսափուկ
փոսփորափայլով,
հիմա,
հրդեհին
գերառատ
լոյսին
մէջ,
կ՚առնէին
իրենց
նրբահիւս
ճարտարապետութեան
բոլոր
պատգամները,
բիւրեղին
բոլոր
քմայքները,
իրենց
մանրադիտական
խորանարդներուն
վրայ,
կը
կոտրտէի
ն
ճառագայթները,
կը
լուծէին
անոնց
միագոյն
հեղուկը
ու
կը
զատէին
իրենց
ընտրած
երանգը,
ընելով
զայն
դուրս,
իբրեւ
իրենցը,
նետելով
իրենց
չորս
դին,
բիւրաւոր
ցոլցլումով,
կախարդայոյզ
հրախաղութիւն
մը
պճպճացնելով
հնօրեայ
տախտակներուն
մարմիններն
ի
վար:
Ցերեկին
մէջ
մութը
զանոնք
քիչ
կ՚ընէր:
Հիմա՞:
Կարծես
շատցեր
էին:
Տա՞սը,
-
քսա՛ն:
Մէկ
հասակ
ու
մեծ
փոր:
Ու
ընդարձակ
բակն
ի
վար,
բռնկած`
բայց
դեռ
չայրող
այս
զանգուածները,
կուռքե՛րը`
իրենց
պարունակութեան
լեղի
խորհուրդովը,
քանի
որ
ֆախիր-ֆուխարայի
սիրտը
կը
տրուէր
անոնց
մէջ
աղի
ու
լեղի
յիշատակներովը,
որոնքամէն
հոդ
մտնողի
հոգուն
մէջ
կը
բուսնէին
անդիմադրելի
ու,
մա՛նաւանդ`
իրենց
պարունակութեան
միւս
հեքիաթովը,
ամբարտաւան
ու
լիրբ
ասիկա,
քանի
որ
Նալպանտենց
տղաքը,
հաճի
Սերոբէիններէն,
երդում
ունէին
տարուան
մը
բերքը
պահեստ
դնելու,
այդ
կատո
զնե՜րը,
որոնք
մարդոց
քրտինքը,
ամբարտաւանութիւնը,
հացին
ախը,
աղքատութեան
նուաստացումները,
տոկոսին
անզգած,
անօրէն,
անաստուած
փաստը
իրարու
կը
լծորդէին:
Այդ
կատոզները
փախչողներուն
ներսը
արթնցուցին
նոյնքան
արգահատանք,
գութ,
անգթութիւն
ու
տրտմութիւն,
անշուշտ
քիչ
մըն
ալ
հաճոյք:
Ու
այդ
կատոզները,
դարձեալ
իրենց
կորուստին
իսկ
մուտքին
անկարող
էին
ներկաներու
սրտին
մէջ
խորտակելու,
ինչ
որ
դժնդակ
փառքն
էր
կազմած
Նալպանտենց
տունին:
Շատ
շատերու
մէջէն,
որոնք
ոխութեամբ
ու
դառն
հաճոյքով
մը
դեռ
կը
յամառէին
պորտային
սեմին,
կ՚արժ
էր
հետեւիլ
մռայլ
առքին,
որով
կով-քիթ
Մանուկը
պլլուած
կը
թուէր:
Անիկա
իր
շալակովը
-
սատկած
էր
էշը
-
բերած
էր
ձիթապտուղին
բեռները,
իր
ձիթաստաններուն
ամբողջ
տուրքը,
եղցու
տկուքն
իսկ,
այսինքն`
իր
տղոցը
բերնին
պատառը,
պարպած
իբր
տոկոս
սա
տակառին
փորին
մէջ,
որ
այն
ատեն
ալ,
ինչպէս
հիմա,
իրական
հսկայի
մը,
մերեթ
մնալիք
ԿԷՏ
ՁՈՒԿԻՆ
(Յովնանու
գիրքը
տարիներով
ընթերցած
էր
Ճրագալոյցներուն),
ու
Լէվիաթանին
նմանցուցեր
ու
սրտին
խորէն
անէծքներուն
ամէնէն
կտրուկները
պատռտեր
էր
անոր
կրաձեւ
դիզուածքը:
Կան
այս
մարդերը:
Տարիին
մէկին
մէջ,
գործերուն
քիթին
քիչ
մը
ծռելովը
(հիւանդութիւն,
շերամին
ջուր
կտրիլը,
ծառերուն
պաղէն
զարնուիլը,
դաշտամուկը,
եղեամը,
ո՛ր
մէկը
կ՚ուզէք)
անոնք
տեսակ
մը
գոհունակութեամբ,
մինչեւ
ատ
օրը
իրենց
հացին
հասնելուն
հպարտութենէն
արդարացած,
կը
զարնեն
հարուստներուն
դուռները
ու
կը
մտնեն
տոկոսի
տակ:
Բայց
դժբախտութիւնը
մինակ
չի
գար
մարդոց
շեմը:
Յաջորդ
բերքին
տոկոսը
կը
վճարեն
անոնք
յոյսով,
որ
գալիքին
կը
մաքրեն
պարտքը:
Տարիները
կը
կապուին
տարիներուն:
Տղաքը
կը
շատնան
-
ուտող
բերանները
-
ու
վեց-եօթը
տարուան
մէջ
պարտականը
չորս
անգամ
գնած
կ՚ըլլայ
իր
պարտքը,
որ
միշտ
կանգուն
է
ու
տոկոսէն
միայն
կը
փակուի,
մայրը
`
առողջ,
տարիներուվ
ցկնելու
համար
նոր
տոկոս…:
Այրելիքը
Մանուկին
տղոցը
ապրուստն
էր
կարծես,
այնքան
ցաւը
սրտանց
էր
չքաւոր
ու
զաւկի
կոխ
բանուորին:
Ուրիշներ
կը
խորհէին
ոսկիին
ու
անոր
տուրքը
եղող
բարիքին,
որոնք
ահա
կը
մոխրանային:
Ու
խորհեցան
շատեր
ալ
նեղութեան
սեփական
օրերուն,
Մայիսին
ու
Հոկտեմբերին,
այսինքն`
գեղին
ամէնէն
նեղ
օրերուն,
ուր
սպառող
ապրուստը
կարճ
կու
գայ
երկու
ծայրերը
կապելու
համար
գեղացիին
տնտեսութեանը
նոր
բերքէն
սան
կ
տասը-տասնհինգ
օր
առաջ,
երբ
ուրիշ
ատեն
ամրակուղպ
քսակը
Նալպանտենց
Սերոբին
կը
բացուէր
փորձուած
խեղճ,
թքածը
չլզող
ու
պարտէզներէն
առողջ
փոխառուներու,
եւ
որոնց
պակսելու
էր
ինչ
որ
վառելու
էր
սա
կատոզներուն
մէջը:
Տարօրինակ
էր,
որ
բոլորը
մարդերու
չափ
ցաւէին
այս
կորուստին:
Վասնզի
ձիթապտուղին
տակառը
անփոխարինելի
բան
էր
այդ
տուներուն,
բայց
բոլորին
համար
ալ:
Մարդ
կոչուելու
արժանիքէն
զուրկ
էր
անիկա,
որ
իր
բակին
մէջ
գոնէ
երկու
հազարնոց
ձագուկ
մը
չսազէր,
խսիր
ծածկոյթով,
տակին
բարձր
լաստակերտ:
Տունը
այդ
աղջուրով
կը
ստանար
իր
կենսաջուրը
կարծես:
Կրակը,
վերի
մասէն,
կատարեալ
տարափ
էր
ա՛լ:
Յուսահատ
վերին
հետ
կապ
բանալէ,
մաս
մը
տղայ
անցած
էին
բակին
միւս
ծայրը,
ծառաներուն
բաժնին
ճակատովը,
ու
խորտակած`
մեծ
դժուարութեամբ
ախոռներուն
դուռները
(գետնայարկի
այս
փականքները
գործն
էին
գեղին
նշանաւոր
դարբինին,
փալապըյըխ
Թորոսին,
որ
կը
մնար
հաւատարիմ
իր
պապերէն
տեսածին
ու
կը
հայհոյէր
ֆրէնկ
կղպանքներուն,
զանոնք
նմանցնելով
դաւաճան
հայերու
կամ
պոռնիկ
կիներու,
փոքրագոյն
ճնշումի
տակ`
գետին
փռուող,
սրունքները
փաչատելու):
Ճակատագրին
ո՞ր
խաղովը
հաճի
Աննան
փոխել
էր
տուած
վերնայարկի
բոլոր
կղպանքները,
որոնց
նահանջը
ստեղծեր
էր
այս
կրակը,
ինչպէս
պիտի
պարզուի
յետոյ:
Ազատած
կենդանիները,
իրենց
մեծ
ոսկորներէն
դեռ
չէին
կարող
զսպել
անհնարին
իրենց
դողը,
հակառակ
մարդերու
իրենց
ունեցած
ապահովիչ
շփումին
ու
ծուռ
կը
նայէին
բոցերուն
ուղղութեամբ,
ընելով
իրենց
մեծ
աչքերը
արտակարգ
գոհարներ,
բազմագոյն
ու
եռուն:
Ու
կը
քշէին
իրենց
ետեւէն,
խենթ
ու
սայթաքուն,
մարդերը
դէպի
պարտէզ:
Ոչ
ոք
յիշեց
բացած
ըլլալ
պարտէզին
դուռը,
զոր
հաճի
Աննան
կառուցանել
էր
տուած,
Եղուսաղէմ
տեսած
գանձարաններուն
փոքր
դուռներու
կաղապարովը
երկաթապատ
ըսուելու
չափ
առատ
գամերով
ծածկուած:
Իսկ
անոր
ետեւի
գերանը
հաւասար
էր
պորտայի
գերանին`
եթէ
ոչ
աւելի:
Ո՞վ`
բացո՛ղը:
Չհարցուցին:
Շատ
խոշոր
շառաչիւն
մը
դղրդեց
բակը:
Տան
մը
կործանումը
մարդկեղէն
ու
սիրտի
դպող
դառնութի
ւն
մը
կը
ծաւալէ,
մա՛նաւանդ
ձայնին
սանդուխէն:
Հասկցան,
որ
տանիքը
իջած
էր
երկրորդ
յարկին
վրայ:
Վտանգը`
ա՛լ
անխուսափելի,
ակնթարթի
մէջ
պարպեց
բակը:
Եղան`
որ
ատեն
չգտան
կտրելու
տարածութիւնը
մինչեւ
դուռ,
քանի
որ
հաստ
պատերը
տքուկի
ելած
էին,
ու
նետուեցան
ետ,
դէպի
պարտէզ:
Ատենն
էր:
Վերնայարկի
գերանները,
արդէն
կակուղցած
ու
կրծուած
ալ
կրակէն,
անկարող
էին
իրենց
վրայ
դիզուած
տանիքը
կրելու
ու
միասին
իջան
վար:
Բակ
ու
կատոզ
կորան
աչքէ,
փոշիով
ու
մուխով:
Րոպէներ`
թեթեւ
մթութիւն
մը:
Անխախտ
պատերուն
կազմածին
վրայ`
կարմի՛ր.
քառանկիւնները
պատուհաններուն,
որոնց
փայտեայ
շրջանակները,
դեռ
չթափած
վար,
ոսկի
կը
հագցնէին
հողին
ու
ծեփին:
Յետոյ`
բոցը
յաղթեց
փոշիին
ու
կարմիր
կղմինտրին:
Ցրուեցաւ
մութ-դեղին
ամպը
փլակոյտէն
ու
իբր
կիրի
հսկայական
փուռէ
մը
չորս
պատերուն
բարձրութեան
վերեւ,
կը
փրփրէր
տարօրինակ
հեղուկը
կրակին:
Ու
մարդիկ
կը
սիրէին
նայիլ
հաստատուն
պատերուն,
գովելով
մեռնելու
վրայ
այդ
ճարտարապետութիւնը,
քանի
որ
նոր
շէնքերուն
մէջ
կը
գործածուէր
փայտեայ
կազմածը,
աւելի
թեթեւ
ու
աժան:
-Նալպանտենց
տուն
է:
Ըսաւ
մէկը,
յիշելով
անշուշտ
հաստ
ու
քարուկիր
կազմածը
հաճի
Արթինին
պալատին:
Ու,
առանց
վնասի,
քիւերուն
գնացքովը,
հազիւ
քանի
մը
պռատ
լինտերով
չորս
ալ
պատերը,
պահելվ
իրենց
գծագրութեան
մայր
հիւսքը:
Պատուհան-բացուածքները,
ա՛լ
սպառած
իրենց
փայտեայ
մասերը,
պատկերը
կը
թելադրէին
ոսկեջուր
շուրջառներ
ու,
փռուած
այդպէս
մեծղի
պատերու
երեսին,
ու
կը
դողային
կարծես,
իրենց
փոթերուն
մէջ
առկայծուն
ու
եփուն,
ինչպէս
կը
պատահի
ատիկա
ըլլալ,
լուացուած
ու
չորնալու
տրուած
լաթերուն,
հովին
շունչին
տակ:
Նոյն
վայրկեանին,
միսի,
խորովածի,
ճենճերի
շատ
բարկ
համ
մը
ծաւալեցաւ
չորս
դին:
Բոլորին
ալ
ռունգերը
այրեցան:
Մուխէն
զատուող,
ջերմութենէն
բաշխուող
սա
զգայութիւնը,
երկրորդ
անգամ
ըլլալով,
գալարեց
բոլորին
ալ
աղիքները:
Ոչ
ոք
կը
կասկածէր,
թէ
մարդեր
կ՚եփէին,
եփած
էին
վար
իջած
յարկին
մէջ:
Սարեկենց
Բաբէթը
`
-Աղջի՜կս,
աղջի՜կս,
աղջի՜կս,
-
պոռաց
երեք
անգամ,
լռեցնելու
չափ
հզոր
այդ
խաժամուժը
ու
ինկաւ
թեւերուն
մէջը
իր
հարսներուն:
Կրակին
բաց
լոյսը
կարծես
մէկէն
դալկացաւ
անոր
չոր
միսերուն
վրայ:
Ճիտը,
ներսէն
կոտրած,
ծռեցաւ
մէկդի:
Ու
կախուեցաւ
անոր
գլուխը
մեծ
հարսին
ուսէն:
-Մարեցա՜ւ,
-
կը
պոռայի
ն
ուրիշ
կիներ,
ջանալով
արթնցընել
տարաբախտ
կինը,
որ
ա՛լ
չունէր
արթննալիք:
Հրմշտուկը,
գոռում-գոչումը,
միսին
ճենճը
այնքան
պահը
կ՚ընէին
վրդովուն,
որ
քիչեր
հետաքրքրուեցան
նուաղած
կնիկով,
հարսները
զայն
գիրկով
տարին
ու
դրին
մօտի
տան
բակը,
աղքատիկ,
շեռ
ու
թրիք
հ
ոտ
ող
ու
բախտին
քմայքով
դրին
անոր
մարմինը
լուացքի
տախտակին,
որուն
վրայ
մեռելները
կը
մաքրուին
մարդկեղէն
աղտերուն
հետքերէն
ու
սուրբ
մարմինով
կը
հանդերձըւին
մտնելու
Արքայութիւն:
Ծուխոտ
ճրագ
մը,
անոր
սնարքին,
կ՚աւրէր
տանջահար
խռովքը
անոր
դէմքին,
սարսափէն
սեւեռո
ւած
գիծերուն
մէջ
նետելով
ուրուատիպ
ու
շարժուն
ալեծփում
մը,
ընելով
անոր
երեսները
ամէնէն
դժնդակ
պատկերը,
որ
դրուած
ըլլայ
մարդոց
աչքերուն:
Ըսես
որդերը,
ողջ-ողջ
այդ
միսերուն
վրայ,
կարմիր
իրենց
սղոցուկները
բանիլ
էին
առած:
Ոչ
ոք
կը
հաւատար
անոր
մահուան,
թէեւ
մատներուն
ծայրը
արդէն
սառոյց
էր:
Գիշերը
գիշեր
էր
կրկին:
Կրակին
ծաւալումը`
սանձուած:
Փողոցին
ընդհատուող
աշխատանքը`
քիչ-քիչ
շարժի
մէջ:
Դրացի
տանիքներէն,
կորովի
բազուկներ
վերցուցին
կապերտներուն
թաց
վարագոյրները
ու
փառք
տուին
Ամենակալին,
որ
քաղցր
էր
հայած
իրենց,
ս
ա
աղքատութեան
մէջ
խնայելով
իրենց
ու
երեսնուն
չտալով
մարդկեղէն
մեղքերը,
ողորմելով
անկարներուն
ու
երեխաներուն:
Դժբախտութիւնը
մարդը
մօտ
կ՚ընէ
երկինքին:
Չեմ
գիտեր,
թէ
ի՛նչ
կ՚ընէ
երջանկութիւնը
այդ
մարդուն:
Մէկ
ժամը
բաւ
էր
եղած,
որպէսզի
Նալպանտենց
հաճի
Արթինին
տ
ու
նը
(շինողն
էր
տղան,
բայց
երկար
սերունդի
մը
վրայ,
տուները
յամառօրէն
կը
պահեն
անունն
ու
պիտակը
սկզբնական
հիմնարկուին)
նստէր
երկրորդ
անգամ
մոխիրի
վրայ,
դարձեալ`
պատերէն
կանգուն,
բայց
կործանումէն
աւելի
լրիւ:
Դեռ
դոյլերը
չդադրած
իրենց
երթեւեկէն,
կրակը
գտաւ
իր
տ
արազը:
Ցեխը
ու
ջուրը
խղդած
էին
զայն:
Ազա՛տ`
ախոռները
ու
Սողոմին
խշտին,
որուն
դուռը,
խորտակուած,
կը
ճօճէր
մեղմ,
անխօսուկ
ու
խուլ,
բոլորովին
պարապ
նեղկուկ
բան
մը
ծածկող:
Շատեր
գլուխ
մը
կոխեցին
անկէ
ներս,
հաւանական
մտապատկեր
մը
հետապնդելով
շունի
այդ
պուճախին
մէջը:
Հո՞դ
էր
իջեր
Նալպանտենց
հարսը,
իր
արգանդին
պողոտաներէն:
Սողո՞մը:
Ո՛ւր
կրնար
ըլլալ
անիկա,
երբ
գեղին
բոլոր
տուներէն,
անխտիր,
իր
տարեկիցները
հասեր
էին
օգնութեան
գործին:
Կը
պակսէին
հաճի
Աննան,
տղան`
Սերոբը,
հարսը`
Աղուորը:
Այրա՜ծ:
Ճենճին
սուր
ու
դէպի
ա
ղի
քները
դալարագին
սողացող
զգայութիւնը
դեռ
չէր
ջնջուած
մարդոց
մէջէն:
Կրակներու
ատեն
ընթացիկ
ուրիշ
պատահմունքներ
չայցելեցին
խուժանին,
որ
պարտէզին
շրթունքի
հորով
գոհացուց
ինքզինքը
ու
կրակը
սանձելէ
անդին
չմտածեց:
Եղան
պատանիներ,
որ
փորձուեցան
մինչեւ
նուռերը,
բ
այց
արգիլուեցան
անծանօթ
վախէ
ու
կշտացուցին
իրենց
աչքըլածութիւնը,
ջրհորին
մօտէն,
վարունգով
ու
լոլիկով:
Ասդին,
մուխը
սեւ,
իւղոտ
իր
շապիկէն
ելած,
կ՚առնէր
ճերմակ,
աւելի
ճիշդ`
կապտաւուն
իր
շղարշը:
Անոր
առջեւ
մարդիկ
կը
շրջէին
ու
կը
շփէին
ցեխով
աղտոտ
իրենց
ափերը
մե
ծադիր
իրենց
պեխերուն
ու
հաստատ
դունչերուն:
Կը
մտածէին
ու
կը
տրտմէին,
չմոռնալով
գոհաբանել
հաշիւները
վերի
Աստըծուն:
Անոնք
կը
ձեւէին
հաճի
Աննային
պահանջկոտ
բարեպաշտութիւնը,
համաձայն
իր
կարիքներուն:
Անոր
մատաղներուն
մեծ
փառքը
ու
զանոնք
թելադրող
աշխարհիկ
բարի
քին
համեմատութիւնը
կ՚ընէին
գիւղացիի
չարութեամբ:
Դեռ
չէր
չորցած
Ալուկին
արիւնը:
-Հէ՜յ
կիտի
քիւփ,
հէ՜յ:
Ժամուն
դրուած
այդ
գուբը
հալած
էր
հարկաւ,
ինչպէս
յիշեց
ու
տրամաբանեց
ուշ
ատեն
հասնող
աւագերէց
Օհանը,
հայհոյելով
կրակին
ու
սատանային,
չո՞րս,
թէ
երկու
ոտքով,
ա
տոր
տեղը
Տէրը
ինքը
գիտէր:
-Փա՜ռք
քեզ,
Աստուած,
փա՜ռք
քեզ,
յաղագս
ամենայնի,
Տէր,
փա՜ռք
քեզ:
Շարունակեց
սրտմտած
քահանան
ու
տեսաւ
Նախախնամութեան
մեծ
մատը
աղէտին
վրայ:
Հակառակ
իր
ընդարձակութեան,
կրակը
վնաս
չէր
բերած
ուրիշ
ո՛չ
մէկ
տունի:
Կարծես
հովը
ըլլար
դաշ
նա
կից
աղքատներուն:
Քովի
բնակարաններուն
ցածութիւնը
մեծապէս
կը
նպաստէր
հրդեհին
սանձումին:
Համանուագ
կորով,
տրամադրելի
բոլոր
միջոցները,
բոցերուն
դէմ
կանգուն
մարդկեղէն
պատը,
զինուած
դոյլերով
ու
առագաստուած`
տունին
բոլոր
քուրձերովը,
վերմակներովը
տարած
էին
արդար
յաղթանակը
կրակին
դէմ:
Տէրտէրը
ոգեկոչեց
հաճի
Աննան.
-
Տիվանէ,
հեղ
մը
տեսնէր
մեռելները:
Ու
զարկաւ
ճոկանը
կիսայրեաց
երտի
գլուխին,
մինչ
կոկորդէն
հաստատ
ու
լեցուն
հազ
մը
ափի
չափ
լայն
խուխ
մը
փակցուց
անոր
կրակեայ
մասին:
-Յաղագս
ամենայնի,
Տէր,
փա՜ռք
քեզ…
Համրի
չը
հանած
էր
ու
կը
նեղուէր
կնիկներէն,
որոնք
չէին
հեռանար
անոր
կրունկներէն:
-Տիվանէ՜,
-
կրկնեց
հաճի
Սողմէնը
ու
զարկաւ
ձեռքերը
ծունկերուն:
Այդ
շարժումը
լացը
ցայտեցնող
բնութք
մը
ունէր
անոր
մօտ:
Սո՞ւտ,
թէ
իրաւ,
այս
թացութիւնը:
Իրողութիւն
էր,
որ
հաճի
Աննային
մահը
ա
մէնէն
շատ
զգացողները
ատ
պառաւներն
էին,
որոնք
քանի՜
տարիներէ
ի
վեր,
իրենց
աղօթքներուն
մէջ
սանկ
«խելօքիկ
մահ
մը»
ու
«կուճուլիկ
անկիւն
մը
արքայութենէն»
չէին
մոռնար
պահանջել
Ամենատուր
Աստուծմէն
ու
սարսափին
մէջը
կը
ծիւրէին
«հոգին
յանձնելու»
բիւրաւոր
կերպերուն,
ամէնէն
շատը
անոր
անլուր
այս
եղանակներուն,
առանց
«թողութեան»
ու
առանց
«հավորդի»:
Այս
բացառիկ
զուլումը,
որ
աշխարհէն`
ինչպէս
երկինքէն
կը
զրկէր
մարդը,
ծայրագոյն
պատուհասն
էր,
որմէ
ազատ
մնալու
հզօր
ցանկութեան
մէջ
գուցէ
տեղ
ունին
«աստնուոր»
զրկանքները
ամէնէն
աւելի:
-Տէրը
լուսաւորէ…
Չէին
ճշդեր,
բայց
կը
չքմեղէին
իրենց
զանցումները
ու
կը
բաղդատէին
սա
աւերակոյտին
առջեւ,
հաճի
Աննային
կատաղի
մաքրասիրութիւնը,
տունին
լաւին
ու
վատին,
աղտին
ու
փոշիին
իսկ
վրայ
դողդղալու
անոր
վայրագ,
ընչաքաղց
ախորժակները:
Ասոնք
պատժուած
էի
ն
Կապուտուորին
սա
տարօրինակ
կարգադրութեամբը:
-Առանց
անոր
տերեւ
չի
ժաժիր:
Ըսողն
էր
Պճիկենց
Սառան,
մեծ
մեղաւոր
մը,
որ
անփութութեամբը
պատճառ
էր
եղած
«հոգու
կորուստին»:
Տասը
տարի
առաջ
անոր
այրի
հարսը
փախած
էր
տաճկի
հետ,
որոնց
գեղը
անիկա
հարսին
հետ
ծխախոտ
կը
մշ
ակ
էր,
մտիկ
չընելով
մեծերուն
խօսքին:
Խառնակ
այս
պատմութեան
վրայ
անցնող
տարիները
մոռցուցին
հարսին
նիւթական
կորուստը,
թաղեցին
քիչ
մը
հոտ
առած
կեսուրին
ալ
անասելի
մեղքը
իր
տարիքին
համար,
բայց
սեւեռեցին,
ամրացուցին
հոգեկան
կորուստին
քանդակը
խղճմտանքներուն
վերեւ:
Կռուելու
համար
այդ
դատաստանին
դէմ`
Պճիկենց
Սառան
իւրացուցած
էր
յաջող
տարազը
ու
ամէն
եղերական
դրուագի
առաջ,
դիպող
ու
անառարկելի
հեղինակութեամբ
մը
կ՚արձակէր
իր
պատգամը,
սուսիկ
հերքումով
մը
մարդոց
չարախօսութիւնը
անոնց
ծոցին
դարձնելով:
Ու
բաժնուած
բազմութեա
ն
մէջ,
մահուան
հոտը,
քիչ
առաջ
տարտամ,
եղաւ
հաստ
ու
նստուկ
բան
մը:
Նորէն
թուրքեր:
Նորէն
բժիշկ:
Նորէն
քննութիւն
ու…
չէին
ամբողջացներ
շարքը,
վասնզի
ենթադրութիւնները
վախ
ունէին
իրենք
իրենցմէ:
Ո՜ր
Ֆուխարայի
տունին
պիտի
երկննար
կապը
սա
կրակին:
Անդին,
պարտէզին
մ
էջ,
բազմութիւնը,
ընդհանրապէս
երիտասարդներ
ու
հարսներ,
չափ
մըն
ալ
պատանի,
հանգած
կրակին
ապահովութիւնը
հետերնին,
կը
տարուէին
մութ
այն
հետաքրքրութեամբ,
որ
ամէն
կործանում
կը
ստեղծէ
իր
ետեւէն:
Մարդիկ,
չես
գիտեր
ի՛նչ
բուռն
թարթափումով
մը,
կը
խուզարկեն
կէս
այրած
պահարանի
մը
խորշերը,
ինչպէս
նկուղները
հիմնակործան
ապարանքներուն:
Դէպի
բացերը
պարտէզի՛ն:
Մտացրիւ,
գրեթէ
զուարթ,
մարխերը
մօտեցնելով
տունկերուն:
Կը
կոխկռտէին,
դիտումով
ու
բարի,
սոխերը,
դդումները,
վարունգները
հաճի
Աննային:
Այս
բանջարեղէնները
շատոնց
հատած
ուրիշ
պարտէզներու
մէջ,
հոս
գրգռիչ
բան
մը
ունէին,
հո՛վը
հարուստին,
որուն
կառքը
«սարն
ալ
կը
բանի»:
Ու
կատակ:
Զանոնք
լսող
մը
կը
զատէր
անոնց
մէջ
յագեցումի
շեշտ
զգացում
մը,
որ
համեմատական
ալ
էր
կորուստին
ընդարձակ
զովութեան:
Ջրհորը
գրեթէ
ինկած
ճրճռան
իր
լեզուէն:
Սիկարները,
պուկ-պուկ,
բանալով
թեթեւ
գունաւորում
մարդոց
դէմքերուն
քովերէն:
-Հասէ՛ք,
-
պոռաց
տղայ
մը,
ձայնին
բոլոր
ուժովը
արիշին
տակէն…:
Կրկնելու
ատեն
չմնաց:
Հոն
էին,
արիշին
տակ,
երիտասարդնե՛րը,
որոնց
ետեւէն
խուժեցին
հարսները,
ահաբեկ:
Բայց
անդիմադրելի
բանէ
մը
մղ
ուած:
Տասը
մարխերու
պղտոր
պայծառութեան
մէջ
կ՚երկննար
Նալպանտենց
հարսը:
Մոմէն
ալ
տժգոյն:
-Նալպանտենց
հա՜րսը,
սը՜….,
-
արձագանգեց
ամբողջ
պարտէզը:
Ու
ձայնը
անցաւ
բակին
վրայէն
ու
գտաւ
փողոցի
միւս
մասին
պտըտող
ու
չգացող
զանգուածը:
Հարսները
մօտեցան,
հրելով
ե
տ
երիտասարդներուն
այլապէս
խռով
ուշադրութիւնը:
Պա՛ղ,
անոր
ձեռքերը,
դէմքը:
Մեռա՞ծ:
-Վա՜խ
արեւնակիս…
Հաց-եփ
Մարթան
էր,
որ
կարծես
տեսիլքէ
մը
լուսաւորուած,
ձգեր
էր
խաղողէ
բանդակին
կաթսան
ուրիշին
հսկումին
ու
ինք
վազեր
էր
պարտէզ:
Անիկա
բռնեց
ծոցը
պառկողին.
-Տա՛
ք
է,
տա՛ք
է:
Թեթեւցած
ու
քիչ
մը
յիմար:
-Սա՜նկ
կեցիր:
Դայեց
Փոշան
էր,
արաբի
պէս
սեւ,
բայց
յաջողակ
կնիկ:
Մէկդի
ըրաւ
ծռելու
անկարող
Մարթան
ու
առաւ
հարսին
թեւը:
Բազկերա՞կ:
Չէր
անշուշտ:
Մահը
երակներուն
գլուխ
չի
ծռեր
միշտ:
-Ո՛ղջ
է:
-Ո՜ղջ,
ո՜ղջ,
ո՜ղջ,
-
ձայնեցին
մի
աբերան:
Այս
անակնկալը
յեղաշրջեց
րոպէի
մէջ
ամէն
բան:
Նախ`
շատ
մը
գլուխներ
թելադրեցին
յապաղած
փնտռտուքը
պարտէզին
միւս
մասերուն
մէջ:
Բոլոր
ենթադրութիւնները
կեդրոնացան
աւազակային
յարձակումի
փաստին:
Վայրկենաբար
պարտէզը
լուսաւորուեցաւ
մարխերով:
Հոյնուեցան
ծակ
ուծուկ
բոլոր
անկիւնները:
Տասը
վայրկեան
ետք,
Աղուորին
անսթափ
մարմինին
շուրջը
կազմուած
էր
տարօրինակ
ատեան
մը,
տեսակ
մը
դատարան,
որ
կը
վճռէր,
գուշակելէ
ետքը,
իրողութեանց
գնացքը,
ուղիղ
ու
անհերքելի
տրամաբանութեամբ:
Ասոր
համեմատ
խելոք
Դաւիթ
մը
հաւատաց
մայր
ու
տղ
ան
լեռ
հանուած,
քանի
որ
կը
պակսէին
ու
փնտռտուքը
չէր
բերած
գոնէ
անոնց
դիակները
լոյսին:
-Միսին
հո՞տը:
-Գնա՛
կարդալ
տուր
վրադ,
-
աւելցուց
խելօք
Դաւիթը,
միջամուտ
Եղիային:
Մուկե՞րը:
Հարկա՛ւ:
Անոնք
փա՞յտ
էին:
Իրաւունք
տուին
իրեն
ուրիշ
Դաւիթներ,
առանց
մտածելու,
թէ
ա
ւազակները
կտոր
մը
խելք
ունենալու
էին
անշուշտ,
որպէսզի
չձգէին
բամպակի
պէս
կակուղ
կնիկը
(ակնարկութիւնը
նկատի
ունէր
Նալպանտենց
հարսը),
զոր
կրնային
օրերով
ժուռ
ածել
շալակին
ու
չյոգնիլ`
բեռ
մը
վարդ
կրողին
չափ
ալ,
ու
առնէին
հետերնին
սատանայ
Սերո՛բը,
որուն
հոտը
ոստիկանները
կը
քաշէր
ետեւէն
բարակի
պէս,
կամ`
դժուարաշարժ
պառաւը,
լերան
ծակուծուկերուն
կրիայի
պէս
գլորելու
ընդունակ:
Հագնող
կրակը,
որ
մութին
կը
դարձնէր
թանձր
իր
կուրութիւնը,
կարճի
կապեց
անօգուտ
այս
խօսակցութիւնը:
Տարօրինակ
էր,
որ
կրակով,
ու
միւս
անհետացածն
եր
ով
գոյաւոր
տագնապը
փարատէր
այսքան
շուտ,
բազմութեան
վրայէն:
Ջահերէն
մէկուն
երեւան
գա՞լը:
Ոչ
անշուշտ:
Չենք
ուզեր
գիտնալ,
թէ
դժբախտութիւն
մը
անձնական
է
միշտ:
Մարդերը
անշո՛ւշտ
որ
կը
պղտորուին
դրացինին
աղէտէն,
բայց
րոպէ
մը
միայն:
Ու
ճիշդ
է
ասիկա
ազգերու
գիծով
ալ:
Եթէ
չլքեցին
Աղուորը,
անոր
տարիքին
հետ
նուաղումին
կապուած
բաժինն
էր
գաղտնիքին,
որ
յամեցուց
զանոնք
անոր
գլուխին:
Կուղպ
էին
ծնօտները,
ակռաներէն
հիւսուած
իրարու:
Դեղնած
լինտերը
ինչո՞ւ
բաց
էին
թողեր
անոր
շրթները,
տգեղ
ընելու
չափ
թօփիկ,
անուշիկ
անոր
բերան
ը:
Ու
մատներուն
ստորին
յօդուածները
դարձած`
մխուելու
չափ
զօրաւոր,
խորը
ափին,
ա՛յնքան`
որ
եղունգներով
պատռտուած
միսէն
հոսած
արիւնը
սեւցեր
էր,
գիծ-գիծ,
ճերմակ
մորթն
ի
վեր:
Խաղա՛ղ:
Անոր
զգեստները,
կուրծքին
բանտերը,
որպէսզի
մտածուէր
մանկամարդ
կնոջ
մը
նուաղուն
մար
մինին
մօտ
սովորական
ոճիրը,
-
բռնութիւն:
Թուխ
հարսնուկ
մը,
բարի
ու
ընկեր
իր
ցաւովը
Նալպանտենց
հարսին,
միջամտեց
ու
կապել
փորձեց
իրենց
առջեւի
պատկերը
Աղուորին
դասական
հիւանդութեանը:
Տրամադիր
չէին
մարդիկ
մտածելու
թուխ
հարսին
ուղղութեամբը:
Զուր
անցան
բոլոր
ջանքերը
խզելու
կապը
անոր
կոպերուն,
որոնք
դուրսէն
մատներու
տակ
կծկուելով,
հաւաքուելով,
ինչպէս
սերը
կաթին
երեսէն,
սոսկում
պատկերը
կը
ցուցադրէին
անհոգի,
այսինքն`
հոգիէն
պարպուած
աչքին,
ճերմակ
ու
սեւ
բան,
պտուղ-պտուղ
ուռեցքներով,
ճիշդ
ինչպէս
կը
դիտուի
նոր
մեռածներու
մօտ:
Ծեծ,
կսմիթ,
ջուր,
սոխ
ու
քացախ,
նոյնիսկ
ամենազօր
խանձը
մնացին
անարդիւն:
Անցաւ
աղօթքն
ալ,
խոռ
մարելն
ալ
առանց
օգուտի,
մէկը
թելադրեց
անվրէպ
դարմանը,
ժամուն
մեծ
բալլիքը,
որուն
բթամատէ
աւելի
մեծ
լեզուակը
կը
պատռտէր
սադայէլին
բոլոր
հիւսքերը,
ու
կը
քակէր
պուկին:
Յանկարծահաս
տեսիլքներու
ատեն
ահով
կարկամած
բերանները
տեղի
կու
տային
այդ
հրաշագործ
բանալիին
առջեւ,
որ
Պօղոս-Պետրոսին
պատկերին
աջ
շրջանակէն
կախուած
կը
սպասէր:
Ոչ
ոք
գիտէր
դուռը,
որուն
ծառայած
էր
անիկա:
Բայց
ճշմարիտ
հրաշքներով
համբաւի
ելած:
Այդ
մէկը
չլսուեցաւ
սակայն:
Տե՞ղը,
պա՞հը
արգիլեցին
միտքերը
ընթանալ
այդ
ճամբով:
-Ինտո՞ր
է
սիրտը:
Գլուխ
վերցուցին:
Տէր
Օհանն
էր,
չկամ
ու
նեղսիրտ:
Կիները
գիտեն,
թէ
սիրտ
մը
ունին,
բայց
ուրիշներո՞ւն:
Հաճի
Սողմէնը,
հեւուն,
ծռեցաւ:
Իբր
թէ
մտիկ
կ՚ընէր:
-Հեռուներէն
է…
Ըսե
լ
կ՚ուզէր
դանդաղ
է
ու
քիչ:
Ամէնուն
մտքին
մէջ
կը
շինւէին
փշրանքները
բաւական
ընտանի
տեսարաններու,
որոնց
մէջ
հարուստ
ու
նրբենի
սա
հարսները,
մութ
պատճառներէ,
կ՚իյնային
գետին
ու
չէին
շարժեր
օր
մը-երկուք
մինչեւ:
Նալպանտենց
հարսը
նոր
չէր,
որ
կը
ճուար:
Չէին
լսած
ա
նո
ր
նուաղումը
ու
կը
կապէին
ուրիշներէ
ծանօթ
սա
ձեւն
ալ
արդէն
գոյութիւն
ունեցողին:
Հասկնալի
է,
որ
մարդիկ
շատ
ալ
վախ
չունենային
սա
վիճակէն,
երիտասարդ
կնոջ
մը
վրայ
որ,
Աստուած
ինք
մինակ
գիտէ,
ի՜նչ
կրակներէ
անցեր
էր,
հասնելու
համար
սա
արիշը
մինչեւ:
Անոնք,
որ
օղ
իո
վ
կը
շփէին
Աղուորին
դաստակները,
հակառակ
փորձ
կնիկի
մը
նշանացի
ազդարարութեան,
արգելքին,
լայն
կը
բռնէին
իրենց
լեզուն
ու
կ՚ըսէին
անտեղի
բաներ:
Անոնց
համար
Աղուորին
մօրը
նուաղումը
ձեւով
միայն
մօտ
էր
աղջկանը
ուշաթափումին:
Ու
չէին
զգուշանար
հրապարակելէ
իրենց
մ
տածումները:
Այսպէս
լաւ,
շատ
լաւ
կ՚ընէր
Սարեկենց
Բաբէթը
ա՛լ
աչքերը
չբանալով:
Մեռած
Սերոբին
այրին,
որ
պարտաւոր
էր
դառնալ
մօրը
տունը,
դժբախտութիւնն
է
ոտքի,
ամբողջ,
ամէն
րոպէ
բեմին
վրայ:
Անիկա
աստուածահաս
փորձա՛նքն
է
թաղին
ու
առնուազն
նոյնքան
մեծ
դժբախտութեան
մը
գնով
մաքրուող:
Ամէն
այրի,
այսպէս
պիտի
դատուի,
դեռ
էրիկը
գերեզման
չհասած:
Նալպանտենց
հա՜րսը…:
Ու
կրակին
ստոյգ
մարմինը,
երկու
մահերը
ու
պահին
այլապէս
եղերական
նկարագիրը
հազիւ
կարող
էին
սանձել
այլազան
լեզուները
դէպի
պղտոր,
գէջ
պատմումները:
Չէին
տար
անունը
Սողոմենց
տղուն:
Բայց
կը
զգային
անոր
ներկայութիւնը
ամէնուն
մտքին
մէջ:
Ու
նախնական
մարդոց
մօտ
յաճախուող
ձեւ
մը
անոնց
մտածումները
կը
տարազէր:
Անշուշտ,
տիրացուն
ոճրագործ
դժուար
պիտի
ընդունին:
Բայց
պիտի
չհերքուին
ալ
իրենից
ստուգութիւններուն
մէջ:
Սերոբին
պակսելովը
Նալպանտենց
հարսին
կը
դառնար
ազապ
իր
վիճակը:
Ու
առանց
կամուրջի`
կնիկները
կապեցին
մանչն
ու
հարսը:
Նալպանտենց
հարսը
կը
թողու՞ր
ազատ…:
Ու
այդ
գիծով
Սողոմենց
խնամին,
խածան
ու
չամչցող
գերդաստանէ,
որ
պիտի
ելլէր
կրկէս
ու
նոր
աղտ
ու
արիւն
պիտի
նետէր
արդէն
թա
րախոտ
այս
գործին…:
Լաւ
կ՚ընէր,
ու
ըրած
էր
ալ,
Սարեկենց
Բաբէթը
ա՛լ
աչքերը
չբանալով:
Ան
աս
աշխարհքէն
առնելիք
միայն
ունէր
սնտուկին
խորի
չորս
կանգուն
կտաւը,
քիչ
մըն
ալ
եղ`
փիլաւին
համար
հոգուն
եփելիք:
Էրիկմարդը
խորհէր
թերեւս
քանի
մը
չափ
օղիին:
Բայց
այս
կէս
ը
սո
ւած,
փսփսացուած
վայբերանութեան
դէմ,
քաջարի`
թէեւ
շուարուն,
անոր
տղան
կը
պահէր
ինքզինքը,
կերպով
մը
ջանալով
խնայել
նոր
ու
տխուր
բաներու
յաւելումը
սա
պատկերին
վրայ:
Գայթակղութիւն
մը
ամէնէն
ուշը
կ՚երթայ
վճռական
իր
հասցէին:
Օհանը
նոր
էր
լսեր,
պատարագէն
շատ
ետ
քը,
ինչ
որ
պատմուած
էր
քրոջը
մասին
ու
նման
ամէն
եղբօր,
սուտ
հռչակած
յեղումը:
Ատկէ
զատ
մայրը
վախցած
էր
ամօթէն
ու
ծածկած
ողբերգութեան
իսկական
հանգոյցը:
Իրաւ
է,
թէ
պղտորեր
էր
անիկա
քիչ
մը
կասկածով
դեռ
այն
գիշերէն,
որուն
մէջ
Աղուորը
կը
դարձնէին
երեքը
մէկ
էրկանը
տունը:
Բայց
կեցեր`
խօսքի
զառիթափին:
Մեր
դժբախտութիւնը
միշտ
պիտի
ուզենք
կէս
գիտնալ
ու
պիտի
նպաստաւորուինք
ժամանակին
մշուշող
խաղերէն:
Գործը,
յաջորդ
կիրքը,
զբաղումներուն
յիմարութիւնը
կ՚ազդեն
մեր
մէջ
ախտագին
գագաթումին
(որեւէ
զգայնութեան)
ու
կը
փշրեն
զայն,
փ
րկ
ելով
մեզ
բախումին
սաստէն:
Անոնք,
որ
կը
շեղին
օրէնքէն,
այսինքն`
կը
պեղեն
կամ
կը
փչեն,
պիտի
պատժուին:
Ու
կը
վազէր
Սարեկ
Օհանը,
մէյ
մը
մօրը,
մէյ
մը
քրոջը,
առանց
ուշ
դնելու
իրմէն
փոքր
եղբօրը,
որ
«կապած-աւել»
առեր
էր
գլուխը
մօրը
իր
ծունկին
ու
գոհ
էր
շատ
իր
տեղէն:
Անիկա
իր
լեռնադիր
արտը
ու
գիշերն
ալ
իր
կնիկը
միայն
կը
ճանչնար
աս
աշխարհէն
ու
մարդու
եւ
անասունին
մէջտեղերը
ծփուն,
հաստկեկ
զանգուած
մըն
էր
միսի:
Կինը,
անուշիկ
հարս
մը,
դեռ
քսան
չմտած,
անցեր
էր
մեռած
կեսրոջը
ոտքերուն
ու
կը
նայէր
պիշ,
լալու
վախնալով,
խօս
ելու
ամչնալով:
Չհարցուց
Աղուորէն
ու
անմասն
էր
տագրոջը
յուզումէն,
խորապէս
տառապող`
խուլ
սպասումո՛վ`
որ
Աղուորին
սթափումը
կը
հետապնդէր,
փայփայող
ով
գիտէ
ի՛նչ
դժոխային
հեռանկար:
Սարեկենց
Օհանը
կը
նեղուէր
հաճի
Աննային
փեսաներէն,
սըրա-սըրա,
յաւակնոտ,
խորապէս
խռով,
դժբախտութեամբ
պաշտպանուած
մարդոց
լրբութեամբ:
Կան
այս
արարածները,
որոնք
իրենց
մօտ
անձերու
մահը
կը
շահագործեն
ու
կը
լրբանան,
անտեսելով
զոհով
ստեղծուած
արգահատանքը:
Աննշան
մարդ
մը
օրուան
հերոսը
կ՚ըլլայ,
երբ
սրտաճմլիկ
պարագաներու
տակ
կը
թաղէ
իր
կինը:
Մնաց
որ,
հաճի
Աննան
իր
փեսաները
կը
կտտցնէր
մարզուած
շուներու
նման,
պատրաստ`
խոյանալու
պահանջի
կէտին:
Հիմա,
տնկուած
Աղուորը
շրջապատողներու
գլխին,
անոնք
կը
ստիպէին
կիները,
որ
բանան
բերանը
Նալպանտենց
հարսին:
Քիչ
մը
ցուցամոլ,
հարուստին
քսուած
միայն,
այս
պահանջկոտութիւնը
բաղդատելի
անգամ
չէր
դասական
անպատկառութեան,
ամօթէն
ու
խիղճէն
գլխովին
վտարուած
այն
վայբերանութեան,
որով
Իսրայէլին
այրերը
լուսնալուն
իսկ
չէին
սպասած
ու
անցած
նախատինքի,
բացայայտ
յարձակումի:
«Եօթ
լեռ
անդին
սարը
շրջի,
քարն
աղքատին
գլխուն
կործի»,
կ՚ըսէ
ժողովրդական
առած
մը:
Հարո՞ւստ:
Իրե՜նք:
Բայց
Իսրայէլը
խօսքին
էօրֆը
ոչ
ոքի
կը
ձգէր
ու
կը
հաջէր
ամէն
առիթով:
Անոնք
օգուտ
քաղեցին
փեսաներուն
յարուցած
պղտոր
աղմուկէն
ու
բացին
դուռը
իրենց
բերաններուն:
Զգալի
էր
անոնց
բառերէն
պակասը
ցաւին,
արգահատանքին,
աղէտին
հանդէպ
տ
րտում
երանգին:
Նախատեցին
Սարեկենց
ցեղը,
եօթն
հեղ
եօթը
պորտ
վարէն,
նախ`
անսրբագրելի
աղքատութեան
համար,
որ
ըսած
եմ
ուրիշ
տեղ`
մեղք
մըն
է,
դուրսէն
դրուած
մեր
վզին:
Կան
ատ
տուները,
որոնց
դուռէն,
հարիւր
տարի
է,
ուղտ
մը
չէ
ելած,
ու
չունի
ելլալիք:
Սարեկենց
անունը
չունէր
ելլելիք
գեղին
սա
միջին
փառքին,
եթէ
ճողելիք
Հոս-Մնամին
աղջիկը
(հաճի
Աննան)
խելքը
թռցուցած
չըլլար:
Յետոյ
Նախատեցին
զայն
իր
արգանդէն,
կրակին
պատասխանատու
բռնելով
Սարեկենց
աղջիկը:
Անոնք
հեռու
էին
անսալու
զգաստութեան
հրաւէրին,
զոր
աղէտը
ու
փորձ
գլուխները
կ՚ուղղէին
անոնց
գրգռուած
պերճախօսութեան:
Կը
շարունակէին
տրամաբանել,
եթէ
յոգնէին
հայհոյելէ,
հին
«նախնիքէն»
տունի
իրենց
իմաստութեամբը,
փառաբանելով
արիւնը,
աւանդութիւնը,
որոնց
մէկ
բաժակը
չէին
փոխեր
կատոզ
մը
ոսկիի
հետ,
հայհոյելով
գանկին
հաճի
Աննային,
որ
Նալպանտենց
արիւնին
մէջ
կը
ներկայացնէր
աղքատութիւնը,
անխելքութիւնը
«Եօթը
տարին
հեղ
մը
սատկած
էծ
մինակ
ուտող»
դասակարգը:
Աւելի՞
կ՚արժէր
Հոս-Մնամին
աղջիկը,
ա՛ն
Հոս-Մնամին,
որ
որդնոտած
ձիու
մորթերէն
կը
հանէր
իր
տրեխներուն
կաշին,
գնչուներն
իսկ
գրգռելով
իր
աղքատութեա
ն
սա
բերքովը:
Որ
միս
ուտելու
համար
չէր
վարաներ
եօթը
գեղ
կոխկռտել
ու
անցնիլ
անդին,
հարսնիքի
համար,
հայ
թէ
թուրք,
առանց
խտիրի,
հարսնեւորը
ըլլալով
աշխարհքին
բոլոր
փեսաներուն:
Մեռած
մարդէն
ինչ
կ՚ուզէին
սա
շանբերանները,
առանց
խպնելու
սեփական
մեղքերէն,
ասեղի
մը
համար
իրար
կոտրող,
սպաննող
իրենց
կծծութենէն:
Բայց
բանգէտները
իրենց
գլուխները
դդում
չէին
ժմնցուցած:
Անոնք,
այս
անժամանակ,
մա՛նաւանդ
անգութ
նախատինքները
նկատեցին
արձագանգը
դասական
ցաւին,
մեծ
ու
պզտիկ
սա
ստահակներուն
բերնէն,
քանի
որ
տասը
տարեկան
տղան
արդէն
ընտանիքին
ատելութիւնները
հագած,
բարբառը
ուժովցուցած,
թարմացուցած`
դիրք
կը
բռնէր
համանուագին
մէջ
ու
կը
հայհոյէր,
պզտիկ
իր
բերանը
ընելով
ամէնէն
տգեղ
բանը
աշխարհին:
Իրաւունք
ունէին
անոնք
ասանկ
բարկընալու,
թթուելու,
քացխած
աղբի
պէս
շրջապատը
գարշահոտելու
-
ցաւը
խորունկ
էր
-,
ոչնչացածը
չոր
տուն
մը
չէր:
Ոչնչացածը
գանձն
էր
հաճի
Արթինին,
որուն
հեքիաթը
այս
երկու
կրակներէն
կ՚աւելնար
ու
կը
տեւէր:
Իսրայէլը
դուրս
էր
հունէն:
Ու
կորուստի
մեծութիւնը
աճեցուց
նախատինքին
ալ
խտութիւնը:
Անորոշ,
ընդհանուր
բառերը
ցանցառեցան
ու
շրջան
ի
ելան
յստակ
ու
ճիշդ
ամբաստանութիւններ:
Չեղած
բան
չկար
աս
աշխարհին
վրայ:
Ինչպէ՞ս
ու
ինչու՛
ազատէր
պիտի
պոռնիկներուն
սերունդէն
պոռնիկ
հարսը:
Տանը
ծառային
հետ
շնացող
կնիկէ
մը
ինչե՜ր
չէին
սպասելի:
Ու
ասիկա
մտածում
ալ
չէր,
այլ`
բերաններէն
դուրս
հագուած,
չքուած
ճշմարտութիւն:
Եղան`
որ
զգուշացուցին
վայբերանները:
Սողոմենց
կնիկը
պատէ՜ր:
Խնամիները
կրնայի՛ն
լսել:
Անոնք
առին
իրենց
վայլող
պատասխանը.
-Բերաննիդ
ցօղուեցէք
հեղ
մը,
անա՛նկ
խօսեցէք:
Վերէ՛ն,
անզիջո՛ղ,
գրգռի՛չ,
ա՛յնքան`
որ
դիտել
տուողները
կծիկը
դրին
դէպի
բացերը:
Ի
րենց
յետին
աղքատութեան
մէջ,
այս
լրբութիւնը,
բարձրաձայն
ու
յարձակող,
ի
վերջոյ
կը
տպաւորէր:
Քսան-երսուն
այրերու
այս
միացեալ
ճակատը,
որ
զարնելու
տեղ
ու
առիթ
կը
փնտռէր,
արիւնէն
աննահանջ,
գայթակղութենէն
չազդուող,
լեզուի
հոսումին
մէջ
անպարփակ
ու
գերազանց,
մարդ
երը
կը
մղէր
փորձանքին
«շուրջը
դառնալու»:
Սխալ
բան
է
կոյանոցին
քար
արձակել:
-Հերի՛ք,
օրհնա՛ծ,
հերի՛ք,
-
կը
ձայնէր
տէր
Մինասը,
վստահ
լսելի
չըլլալուն:
Մէկը
պոռաց.
-Սանդո՜ւխ:
Պատին
կանգուն,
ինչպէս
պարտին
ըլլալ
անոնք
հրդեհի
ատեն:
Ինչո՞ւ
զարմանքով
խուժեցին
անոր
առջին:
-Քսան
կանգուննոց:
Ո՞վ
էր
ըրած:
Ոչ
ոք
կը
յիշէր
ըրած
ըլլալ
ատիկա,
թէեւ
անոնք
բնական
միջոցները
կը
մնան
տանիք
փոխադրելու
զգուշական
կազմածներ,
դոյլ
ու
կապերտ:
Աւելի
ուշագրաւ
էր,
անոր
առջեւի
զոյգ
մը
կօշիկը,
գեղի
վարպետներու
կաղապարովը:
Գիրուկ
մարխի
մը
լոյս
ին
մէջ
քննեցին
ու
ձեւը,
չափը
ճանչցան
կօշկակար
Մելասնին,
շաբաթ
մը
առաջ
մեռած
բարակով:
Սանկ
թեթեւ
նրբութիւն
մը
հանգուցեալ
արհեստաւորին
շնորհը
կը
մնար:
Օրհնեցին
յիշատակը,
մաղթեցին
«ողորմիս»ը
ու
ձայնեցին
բացերը:
-Որո՞ւ
է,
որո՞ւ
է…
Ոչ
ոք
ներկայացաւ:
Բոպիկ
պատ
ան
ի
մը,
որուն
հայրը
Նալպանտենց
խազնան
ոսկի
էր
կրեր
տարիներով
-
գեղացին
սեւ
պտուղը
(ձիթապտուղ)
կը
պատուէ
այդ
փառաւոր
վերադիրով-,
անցուց
անտէր
կօշիկը
ոտքին:
-Ժառա՛նգ,
-
մտածեց
բարձր
Կողեկենց
Եղիան,
յիմար
ու
աղքատ,
որ
չորս
տարիէ
ի
վեր
տունն
ու
տեղը
կը
կրէր
Նա
լպ
անտենց
բակը
ու
կը
սպասէր
տոկոսին
սմքելուն,
անշուշտ
զուր
սպասումով:
Չորս
տարուան
մէջ
անիկա
երկու
հեղ
վճարած
էր
իր
փոխառութիւնը,
բայց
կը
մնար
պարտական,
առջի
տարուան
չափ:
Ու
զաւկէ
կոխ
աշխատաւորին
համար
ոչինչ
այնքան
դժընդակ,
որքան
աղքատութեան
այդ
տուրքը,
որ
հարուստին
կատոզները
կը
փոխադրէ
ամբողջ
բերքը
պատուհասուած
ընտանիքին:
Տոկոսը
%էն
յիսունին
չիյնալու
ձեւով,
ահաւոր
հիւանդութիւնն
էր
ատ
գեղին:
Մտածեցին,
չափեցին,
ձեւեցին:
-Ի՞նչ
էր
գործը
սանդուխին,
պատին
աս
երեսին:
-Ի՞նչ
էր
գործը
կօշիկներուն:
Բայց
անկարող
էին
հաս
կն
ալու,
իրարու
խելքին
հանդէպ
փոխադարձ
անվստահութեան
համար:
Ասիկա
գեղջուկին
աննահանջ
առաքինութիւնն
է:
Գուցէ
դարերով
վարժուած
զիրար
նախատելու,
հարուստին
կամ
«իշխանին»
վրայ
զետեղած
խելքին
կազմածը,
անոնք
չէին
ընդուներ
նմաններուն
մօտ
«կտորճիկ»
մը
խելք:
Ատկէ
զատ,
կասկածոտ
այդ
բնութքին
նպաստն
իսկ
զեղչելով
դժուար
էր
հետեւիլ
Իսրայէլին
լրբութիւններուն
եւ
ընթացք
տալ
անոնցմով
թելադրուած
փաստերուն:
Բայց
չէին
ալ
հարցներ
իրարու,
թէ
ինչո՞ւ
կօշիկ
մը
ու
սանդուխ
մը
սա
վայրկեանին,
կը
պղտորէին
միտքերը:
Ու
ինչո՞ւ
անոնց
գոյութեան
հետ
շղթայուած`
կը
ցցուէր
միւս
հանելուկը,
-
ճակատագիրը
մօր
ու
տղուն:
Աղուորին
հանդիպումէն
ասդին
մեղմացած
էին
կասկածները
անոնց
ողջ-ողջ
այրումին:
Բայց
որու՞
ձեռքով`
կրակը:
Ո՞ւր`
Նալպանտենց
Սերոբը:
Ո՞ւր`
մայրը:
Ինչո՞ւ`
հարսը
հոս:
Բաց
էին
ճամբաները
դէպի
բոլոր
խենթ
մտածումները:
Բայց
չկար
մէկը,
որ
զգար
խելքը
բաւական
ուժով,
քաղելու
իր
ակօսէն
սա
միւսներունը:
Գիշերը
դանդաղ
կը
քալէր
դէպի
լուս:
Ու
աս
մարդոցը
մէջ
բուռն
էր
կարօտը
հարսին
զարթումին,
ինչպէս
պատկերը
հեղ
մը
վայլելու
սա
աւերակին,
արեւուն
լոյսով:
Մինչ
այդ
զբաղ
ու
մ
էր
պէտք:
Եկաւ
վայրկեանը,
երբ
փեսաներուն
խառնշտուկովը
արդէն
ուռեցած
մթնոլորտին
մէջ,
մեծաղաղակ
փոթորիկի
նման
տիրակալեց
ձայնը
Իսրայէլին:
Հայհոյութի՛ւն:
Յարձակումի
ուրուաձեւ:
Անիկա
ատկէ
առաջ,
սպառնալիքը
կը
զեղուր,
տիրական
ու
հեղինակաւոր:
Ու
հետզհետէ,
իբր
ն
ախատինք
յերիւրուած
շնութեան
պատմութիւնը
րոպէէ
րոպէ
ճոխացնելով,
կը
պատմէր,
իբր
կատարուած
իրողութիւն`
ապշահար
ամբոխին:
Ուշագրաւ
էր
անոր
եռանդը,
ջերմ
ու
հաւատաւոր
հեղումը,
որ
նենգողներուն,
սուտ
զրուցողներուն
բնական
արտացոլացումն
է
ամէն
ատեն
ու
կը
տապալէ
քիչ
մը
ժուժկալ
ու
համեստ
ճշմարտութիւնը:
Կը
հաւատայի՞ն:
Այդպէս
ջնարակուած`
յերիւրանքը,
փուռը
մտած
խեցիին
նման,
կը
նրբանայ
ու
կը
կիտուածի:
Ուշագրաւ
էր
միւս
կողմէն
Իսրայէլի
մէկ
ուրիշ
երակը,
կիներու
գիծով,
համոզկեր
ու
խելօք:
Կը
զատուէր
այս
ճիւղը
ամօթակուռ
յարձակողակա
նէն,
կակուղիկ-կակուղիկ
ջանալով
փաստել
ոճիրը:
Լիրբ
կամ
քսու,
երկու
թեւերն
ալ
ականջ
չունէին
արդար
դիտողութեան
մը,
-
ի՜նչ
էր
շահը
Սարեկենց
տղոց,
այրի
ձգելու
իրենց
քոյրը:
Ոչ
ոք
եղաւ
բաւական
արթուն`
նկատելու
համար
իսրայէլեան
ռազմավարութեան
թաքուն
ծրագիրը:
Լիրբ
կամ
քսու,
անիկա`
այդ
երեւումով,
պարտկել
կը
ջանար
խուլ
այն
ոգեւորութիւնը,
որ
կը
զեղուր
իրենցմէ:
Անոնք
հասած
էին
տարիներէ
ի
վեր
պոռացւած
իրենց
մուրատին:
Անտէ՛ր
էին
վերջապէս
մալերը
հաճի
Աննային
ու
կ՚իյնային…
Նալպանտենց
տղոցը:
Ոչ
միայն
ատիկա:
Իր
հարստութեամբն
ու
խելքովը
իրենցմէ
զատուած
ընտանիքին
ջնջումովը
գերդաստանը
կը
դառնար
իր
բնական
միութեան:
Չէին
արտաբերեր
անշուշտ
պարարտ
գոհունակութիւնը
սա
մտածումներուն:
Բայց
անոնց
ցամքած
թուշերը
ինքնաբերաբար
կ՚ուռէին
կտոր
մը:
Բայց
անոնց
անկուշտ
նայուածքին
մէջ
դժուար
կը
թաղուէր
այս
անդաճումներուն
անդրադարձը:
Ու
անոնք
չլքեցին
րոպէ
մը
գոնէ
Էմմի
օղլուին
պարտէզը,
ուշադիր
մութէն
գալիք
ամէնէն
աւելի
նուաղած
հարսին:
Յոգնա՞ծ,
թէ
ա՛լ
դիմադրելու
անկարող`
լուսդէմ,
տակաւին
կրակը
լաւ
մը
չհանգչած,
իրարմէ
անկախ,
վախնալով
իրենք
զիրենք
մատ
նելէ,
մտան
բակ,
ոտիցնին
կրտելն
իսկ
աչք
առած,
ձեռքերնին
երկաթէ
մէկ-մէկ
ձող,
մոխիրները
խառնշտկելու:
Յիմար
էին
անշուշտ,
բայց
մեր
հզօր
զգացումները
մեզ
ուրիշ
բան
չեն
ըրած:
Սանձումը
տկարութիւն
է,
բնականոն
որակուած
վիճա՛կը:
Երկու
մարդու
հասակով
տակառները
սմքած
էի
ն
բոլորովին,
անգտանելի
ըսուելու
աստիճան:
Իրենց
պարունակութիւնը
անշուշտ
թափուած
էր
դուրս
ու
ածխացած,
այրելու
անյարմար
ըլլալուն:
Ու
կոկորդը
դանկըտող
հոտ
մը,
շունչ
առնելը
կ՚արգիլէր:
Դիմացէն
դիտող
մը
փսփսաց.
-Նալպանտենց
խազնա՜ն:
Պատերէ՞ն,
տանիքէ՞ն,
թէ
գետնին
տ
ակ
էն:
Հրդեհներէ
ետքը
մարդիկ
իրենց
պահծու
ոսկիները
կը
գտնեն
երբեմն
երբեմն
ձոյլ
վիճակի
մէջ:
-Քոքուրներ,
-
աւելցուց
իսկական
քոքուր
մը
անդիէն:
Կը
դատէր
չեղած
իր
խելքովը
անխելքութիւնը
սա
մարդոց:
Նալպանտենց
տղաքը,
առանց
իրարու
հետ
խօսելու,
շրջանը
ըրին
ցեխին
ու
մ
ոխիրին,
կէս
խանձողներուն
ու
փուռ
մտած
կղմինտրի
բեկորներուն:
Անոնք
կը
փնտռէին
դիա՜կը
Սերոբէ
էֆէնտիին:
-Տէրն
ողորմած
է:
Ըսողն
էր
Նալպանտենց
Սէքէն,
գեղին
է՛ն
խայտառակ
երիտասարդը:
Մարդիկ
լսելով
պիտի
չհաւատային
այդ
շաղիղին
մէջ
պտոյտ
ընող
արիւնին,
որ
օր
մը
վազ
ած
էր
հեռաւոր
հաճի
Արթինին
երակներէն:
Անոր
մօտ
Սերոբին
մեղքերը
տանելի,
փոքր
բանի
մը
կը
վերածուէին:
Մատնութի՞ւնը:
Բայց
գեղացին
ոչինչ
գիտէր
Սերոբին
դերէն
ու
կը
գերադասէր
փճացած
հարուստը
սա
հոգիի
ու
մարմնի
բոլոր
ախտերով
ծաղկեւորուած
գազանէն:
Ֆրանկախտն
ու
իր
գա
րշ
հետքերը
անոր
դէմքին
կարգ
մը
կէտերուն`
առած
էին
անկէ
մարդկային
ո՛չ
թէ
մեռոնը,
որ
ձգած-փախած
ըլլալու
էր
զայն
նոյնիսկ
մկրտութեան
աւազանէն,
այլ`
է՛ն
հաստ
ու
տգեղ
տաճկին
անորակելի
տարազը,
այն
նոյնիսկ
թթու,
աշխած,
միս
ըլլալու
տեղ
դեղնած
ճճիներու
պարզում
մը
թե
լադրող
երեսը
ութսունամեայ
փլատակին:
Ու
չկար
այդ
որդնակար
դէմքին
տէրը
դեռ
քսանհինգ
տարեկան:
Սիրտէն
առաջ
անոր
հոգին
երեւան
էր
բերած
ծայրագոյն
անկումը,
որ
դիզուէր
հայ-քրիստոնեայ
գեղի
մը
վրայ:
Զուռնա
կ՚ածէր
թուրք
գեղերուն
մէջ,
պոռնիկ
ու
մանչ
կը
խաղցնէր
սրիկանե
րու
հաշուոյն,
հպարտ
ու
հեշտագին,
անօթի
ձգած
տունն
ու
երեք
զաւակները
տարիէ
մը
ի
վեր
ու
վարակած
իր
կինը:
Մութ
գործերուն
յարդարումին
մէջ
անիկա
գերազանց
կը
մնար
գեղին
բոլոր
խառնակիչներէն:
Տէ՜րն
ողորմած
էր:
Ի՜նչ
բանի
կը
մտածէր
այս
որդնակոյտը,
ակիշը
ձեռքին,
երբ
կը
խառնէր
ու
կը
բացագանչէր:
-
Հէլպէթ
կը
լուսնայ:
Մինչեւ
լուս,
տուները
-
հասկնալի
է,
որ
բոլորը
ըլլային
արթնցած
ու
դիտած
կրակը
-
խօսեցան
ու
չյոգնեցան:
Ոչ
մէկ
լուր
Նալպանտենց
մօր
ու
տղէն:
Աղօթքկողմը
ճերմկելուն,
ծերերու
ժողովին
թելադրութեամբը,
պատգամաւորութիւն
մը
տեղեկացուց
դէպքը
ոստիկանութեան,
որ
իբր
պետականութեան
նշան
կը
մնար
վարի
ճղճիմ
թուրք
գեղին
մէջ,
կէս
ժամով
հեռու:
Թրքական
հարիւր
տուննոց
գեղ
մը
պետական
այդ
սարուածին
կարեւորներովը
կ՚օժտուէր
ու
կ՚իշխէր
հայ
գեղին
հազար
հինգ
հարիւր
տուներուն:
Ժամէն
դարձողներ
դ
իմաւորուեցան
ոստիկաններէ,
բոլորն
ալ
հեծեալ,
կարմիր
ֆէսերով,
տօնական
զուարթութեամբ,
խաչաձեւած
իրենց
կուրծքերուն
փամփշտակալները
չորս
շարք:
Թուրքիան
այն
երկիրն
է,
ուր
հրազէնը
ընտանի
տեքոր
մը
կը
կազմէ
ու
կ՚արժէ
շատ
աւելի,
քան
ուրիշ
որեւէ
զարդ:
Անոնք
պիտի
չմօ
տենային
կրակի
վայրի:
Մեծերու
սրճարա՜նը,
-
հայուն
գարիով
ձիերը
կուշտ
ու
սուրճովը
խելքերնին
առոյգ
ընծայելու: