Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

* * *

Անոնց ժամանումէն առաջ, Մենծերու այդ սրճարանին մէջ, նախնական հարցաքննութեան կանչուած էր արդէն անմիջական դրացիներէն հաց-եփ Մարթան: Կրակին սկզբնա ւո րութիւնը տեսնո՛ղ ու պոռացո՛ղ: հարկաւ: Բայց, նոյն ատեն, անուշի կաթսային առջեւ մեծ օճախը կրակո՛ղ: Այսի՛նքն…: Աղքատին ձայնը վեր չի հասնիր, բայց անոր ծխանէն կամ թաղետեսի օճախիկէն կայծ մը հեռուները կրնայ հրդեհ փոխադրել: Գեղին շուրջը, պարտէզներու մէջ, հիւղակները, քա նի տարի կայ, որ կը կրակւէին: Աղքատին կամ հարուստին չկար խնայող: Կրակելու այս ոճիրը մաս կը կազմէր բարքերու եւ աւելի գէշ կը դիտուէր, քան միւս արարքը, գիշերով, հարուստի կամ թշնամիի ձիթաստանները կացինահար գետին փռելու ինքնատիպ ձեւը վրիժառութեան:

Խաշտարենց Սեւաչ քը, հնօրեայ մեծ տունի մը վերջին շառաւիղը, որուն նոր կնիկը, քաղաքէն ու թխլած, թաթթափն էր մտեր հաշուեյարդարը ընելու ընտանիքին գոյքերուն ու կալուածներուն եւ որուն մեծ հարստութիւնը մօտ էր փճանալու, իրերայաջորդ կրակներով, բոլորն ալ, անոր կարծիքով, գործը աղքատ ի ր վարձկաններուն, տարեվարձքէն կացուած ու աս ան ամբաստանութեամբ պայմանաժամէն առաջ ճամբու դրուած, կը ճառագայթէր, անգամ մըն ալ իր մարգարէութիւնները ստուգուած գտնելով դէպքերէն: Ա՛նգամ Ծերերու ժողովին, քառսուն տարիէ ի վեր անիկա հաւատարիմ էր իր բնաբանին, նոյնիսկ ծերութեան, անկարութեան, աղքատութեան հետ շփոթուող պաթախճի ութեան դուռներուն ետեւ կը պոռար:

-Աղքատ տեսա՞ր, կոխէ՛ պուկին:

Այս «պուկը» կը փոխուէր պորտ ին, եթէ իր սրամտութիւնը գրգռող արարածը ըլլար կին: Անոր փոյթը չէր, որ տասնով-քսանով կը համրուէին ան տղաքը, որ գո րծադրած էին իր բացատրութիւնը, գործնականապէս իր կնիկներուն վրայ չորս հատ, մեռած բոլորն ալ, մէջ-կնիկ չեղած:

Աղքատին դէմ այս տրամադրութիւնը, ժամանակին հետ զօրացած, քանի որ դրամը ամէն բան չէր ալ, կ՚ընէր ծերերը աւելի միապաղաղ ու սերտ իրենց քէներուն մէջ: Անոնց կա րծիքով աղքատութիւնը ֆիզիքական թերութիւն մըն է, հիւանդութիւն, անճարակութիւն: Արժանիք կայ ինքնիրմէն աւելնալուն` ինչպէս ուրիշներու վրայ տարածուելուն մէջը: Պատճառ կայ` աճելու տեղ քիչնալուն մէջ: Ծերերը չէին պատասխանատու աշխարհին սեւ բաշխումին ու կը միանային Ս եւաչքին, դատապարտելու համար հաց-եփ կինը, որուն էրիկը հեռու գեղ էր այն գիշեր, շամբուտէ մը բեռնով եղէգ բերելու:

Աճապարանքի ուրիշ պատճառ մըն ալ անոնց մէջ հոգն էր կանխելու տասնապետին տեղեկագիրը: Կարճ ու Թաթարիստանէն նոր հասած այս մարդը ո՛չ միայն կ՚ատէր հայերը, այլեւ կ՚երթար առաջ, գործադրելու այս գեղերուն վրայ ինչ որ ըրեր էր քանի մը տարի առաջ` Վանի ու Մուշի կողմերը, ամէն գնով ճզմել գազանին, օձին գլուխը, - հայուն գլուխը, զայն խենթեցնելու չափ առաջ տանելով գրգռութիւնները, որպէսզի զսպումի առիթը օգտագործուէր տաղանդո վ: Ինքն էր, որ չէր վախնար պոռալու.

-Ի՞նչ է գործը աս գեղերուն:

Ամենափոքրիկ պատահարը, հաւու մը գողութիւնը պատրուակ էր անոր թուղթին համար, որպէսզի տասը-քսան մարդ առնուէին ոճիրին սարուածին մէջ ու կանչուէին կեդրոն, տանջուէին ու տուժէին մեղքը իրենց ցեղին:

Աղաներ ը, նոր դարձած իրենց կնիկներուն ծոցը, սարսափին տակն էին բանտի ոլորտին: Անոնք լսեցին անշուշտ քանի մը բերանէ վախկոտ փսփսուքը.

-Անոնց գործն է:

«Անոնք»ը դաւաճանութեամբ հարիւրապետին յանձնուած յեղափոխականներուն ընկերներն էին հաւանաբար, որոնք կը սկսէին փոխվրէժի գ ործը հարիւրապետին մօտիկ բարեկամէն: Կայի՞ն ատ մարդիկը: Տեսա՞ծ էին զանոնք: Բայց այդ օրերուն լեռները կը նմանէին հեքիաթին քարայրներուն, ուր մտնողը չէր ճանչնար ելլողը: Ասպատակը կէս դար չպակսեցաւ գեղին կռնակի լեռներէն: Անո՞նք: Ո՜վ գիտէ: Ծերերն ու աղաները աղքատին զոհուիլը չուզելով հանդերձ - մեղք էր հաց-եփ Մարթային ու հազար մեղք -, ջղային անձուկով մը կը սպասէին Նալպանտենց հարսին զարթումին:

Անոնք, խելացի մարդեր, նպատակ ունէին արդարութեան առջեւ պատրաստ ակօս մը նետելու, կեդրոնացնել շրջող տարաձայնութիւնները ու աղէտին վր այ էն հեռացնելով ազգային պիտակը, առաջնորդել զայն ընթացիկ իր արահետին, կնիկներու արգանդով: Խելացի մարդեր, քանի որ դէպքերը իրաւունք կու տային իրենց, բայց կը փակէին անոնց խելքին նուազ իսկ դուռները. ո՜ր խենթը պիտի խնայէր Նալպանտենց հարսին, եփելէ ետքը կեսուրն ու էրիկը անոր: Խելացի մարդեր, որոնք կը հաւատային զրոյցներուն ու կ՚ընդունէին «անոնց» մատը կրակին մէջ:

Վարժապետը, ի պաշտօնէ քարտուղար, աղաներու սա մտախոհանքին դէմ բռնուած հայելի, կը ճզճզէր իր եղէգ-գրիչը, ու չէր կրնար արձանագրել երկու բառ, առջեւի թուղթին, առան ց լեզուով ծծելու գիրերը ճերմակէն ու ծծելու կուճուկ մատին երկնցուցած եղունգը, վախնալով բառէն ու յեղափոխութենէն: Անիկա ազատած էր աքսորէն` թուրքերէնի ուսուցիչ ըլլալուն: Մինչ իր երեք ընկերները չորս տարի առաջ ղրկուած էին հեռու տեղ, տղու մը պայուսակէն գտնուած ե րգարանի մը համար, որ կը սկսէր « Ազատն Աստուած »ով, ու լռած իրենց աքսորավայրէն: Խելօք ու խրատուած` անիկա կը գրէր ու գեղեցիկ իր գիրին քովնտի հիացումը կը դիտէր տրտում: Անոր կնիկը գեղին գեղեցկագոյն աղջիկներէն, անհանգիստ կ՚ընէր անոր գիշերները, իր ախորժակով ու քէն երով:

Հարցաքննո՛ղ, բոլորը մէկ, աղաները, իրարու կարգ չտալու աստիճան: Խեղճ, պարզ, անխելք էին, իրեն նման` Մարթային բացատրութիւնները: Ու շատ ալ վախվխուն: Փլատակ կինը - քսանհինգ տարեկան չկար անիկա ու ձայնին ու շարժումներուն առուգութեամբը կը զանազանուէր «կտաւցու » պառաւներէն - աւելի դիւրաւ հաւատար պիտի մեռնելուն, քան, օր մը օրանց, ասանկ ատեանի մը առջեւ ելլալուն: Պէրպէրենց գինով Նորհատը, անդամ Ծերերու ժողովին ու մէջքին կէս օխանոցը միշտ կոխած, առանց կոխուելու աղէտէն, որ անոր երեք զաւակ էր տուած ապուշի գլխով ու խելքով ու ըրած կինը ցաւագար, այսինքն` զարնուած ճուալու ախտէն, բան-գործ էր գտեր աբուգաթ կտրիլ ու հակասութեան մէջ բռնել պարզամիտ կինը: Այբը տեսնող ու շուարումէն բենը դատին ղրկող 1 փճացած այս մարդը, ժանգոտ խողովակովը իր ձայնին չարամիտներ սիֆիլիսը կը շշնջային բոյն դ րած անոր ձայնի ճամբաներուն - անդադար կը միջամտէր բոլորին ալ հարցումներուն, յիմար-յիմար, ինչպէս կ՚ըլլան բոլոր ընդմիջողները ու ընդդիմադիրները, ու սա լուրջ ժողովքը ծիծաղելի կ՚ընէր ինքն իրեն: Հաց-եփ կինը, ահագին իր փորին նեղութիւնը արդէն դժուար էր բերեր մինչեւ սա սրճարանը, իրաւ է թէ Ժամուն փողոցէն - կ՚ամչնար խեղճ հարսը, բոլորին աչքերը ընդունելու իր որովայնի ցցունքին - ու կը ջանար վայրկեան առաջ դառնալու իր փուռին: Միավանկ էին անոր պատասխանները ու կ՚ըսէր, ինչ որ կ՚ուզէին իրմէ: Այսպէս, առանց գիտնալու, թէ ի՜նչ էր իմաստը իր բառերուն, անիկա եղած էր հոն, կրակին առջեւ ու չեղած: Տեսած ու չտեսած: Վազած ու չվազած: Լսած ու չլսա՜ծ, նայելով հարցումին ձեւին: Անշուշտ սուտ չէր խօսեր, ատոր անկարող ըլլալուն: Սուտը գուցէ շնորհն է կեանքի բարդութիւններուն, մեղմելու համար կեղծիքին տիրապետութիւնը, ամէնէն զէ՛նքը արդի քաղաքակրթութեան: Անիկա կը զեղչէր եղելութեանց կապը, ապրած ըլլալով բոլորովին բուսական կեանքով, առի՛թը չունեցած` դէպքի մը վրայ մտածելու որեւէ ատեն: Ու յիշատակ չունէր, ներկայ միայն ըլլալուն: Կան այս մարդերը, որոնք կը տարբերին իրենց պարտէզի ձիթենիէն անո՛վ, որ կը քալեն, կը պառկին, ու կ՚ապրին մէկ ու անստուեր: Ու նման այդ ծառին կու տան իրենց զաւակները ու կը մեռնին, առանց հասկցած ըլլալու պատճառը, որ զիրենք ըրաւ այդպէս, - միս` որուն հագցուցած ըլլան զգեստ: Անիկա իր մարուած (գիշերը չեն գործեր փուռերը) փուռէն արձակուած կայծերով, զարմանալի պարզութեամբ ու բնականութեամբ, իր իսկ բերնովը բռնկցուց Նալպանտենց տունը, ժպիտի մէջը Նորհատ աղային, որ յաղթանակը կը շեշտէր պեխերը ոլորելով: Ստորագրեց ալ վարժապետին ծծուած զեկոյցը, կուճուկ իր մատին կաղապարը զարնելով սեւ խաչին, անունին փոխանո՛րդը` թուղթին վրայ: Յիմարութիւն էր անշուշտ հաւատալ այս յիմարութեան: Վռնտեցին անխելք կինը դուրս ու չախեցին վարժապետը, որ «ֆախիր» էր ուղեղէ: Պատռեցին թուղթը, հակառակ իրենց բուռն պահանջին, վասնզի ա՛լ լուս էր գրեթէ: Կանչուեցան ուրիշ երկու դրացիներ, մօտ ասոնք ալ, որոնք մեծ գիծերուն մէջ հաստատեցին Մարթային յեղումը: Կը հասկցուէր այս վկայութիւններէն, որ մուխ չէին տեսած բոցէն առաջ, կրակներուն սովորական գնացքին համաձայն: Լո՞յս, - երբե՛ք: Բո՞ցը. - մէկէն ի մէկ, տունին բոլոր սենեակներէն, ի րարու ետեւէ մտնող, սկիզբը բարակ, մէկէն ընդարձակ փայլի մէջ: Ոչ մէկը այդ ականատեսներէն կը յիշէ լսած ըլլալ օգնութեան կանչող դասական ճիչը: Մա՞րդ, անցնո՞ղ, դարձո՞ղ, օտա՞ր: Կամ գեղէ՞ն:

-Ոչ ո՛ք: Ու վկայող ծերերը` ինչպէս առաջին հասնողները չկրցան մեկնութիւն ճարել հ ար սին ազատումին: Յատկանշական էր, որ մէկը չներկայանար այդ արարքը վրան առնող: Սողոմենց տղա՞ն: - Չէին տեսած, ո՛չ կրակի պահուն, ոչ ալ զայն կանխող իրիկունը: Չէր եղած անիկա Նալպանտենց տունը: Ո՞ւր, հիմա: Բայց հարցումը մնաց երեսք ու չիջաւ խղճմտանքներուն:

Բուսաւ Ու ստ իանը, որ կրակին մէջէն իբր թէ կը հանէր ու «ժողովք»ին կը բերէր հաստկեկ ոսկորներ: Ամէն մարդ, գերեզման փորած կամ թաղման ներկայ, ծանօթ էր մարդկային ոսկորներու սանկ ընդհանուր ձեւին: Կո՞նք, զի՞ստ, դժուար էր ճշդել, վասնզի կոտրած էր կէսէն: Մաքուր, իլիկին անցքովը, մէկ կողմէն գո՛ւնտ, նոյնիսկ կենդանիէ մը` ինչ գործ ունէր այդ խլեակը ատանկ մոխիրներուն մօտերը: Մէկը առարկեց « աչից պահել »ու 2 աւանդական սովորութիւնը, որով կենդանիներու ոսկորները կը զտեղուին կատոզներու վերին ծածկոյթին վրայ: Ուրիշ մը նմանցուց մարդկային «նշխար»ի, ինչպէս սառած էր բառը տէրտէրին բերանէն, անոր ականջներուն, երբ նոր փորուած հողք մը անոնց առջեւ կը հանէր երբեմն լման կմախք մը: Երրորդ մը`

-Խենթ քոքուր, - պոռաց երեսին, յանձնարարելով շուտ գտած տեղը տանիլ այդ «կտորուանքը»: Բանտարկութեան ու մեծ տուգանքի գին մը ա յդ տղան հասցուցեր էր սա փորձառութեան: Մինչեւ կառավարական քննութիւնը, ամէն ինչ մնալու էր ոճիրին կամ դէպքին վայրը, անշարժ ու անփոփոխ, այնպէս` ինչպէս գտեր էին ատիկա աչքերը առաջին տեսնողներուն:

Պզտիկ մնացած` Ուստիանը ուզեց բաներ մը գիտնալ, գիտցած ըլլալ: Գլոր եց սանկ մէկ-երկու ակնարկութիւններ, կրկնիմաստ ու մութ, ձեւը գտաւ քշելու անունը Սողոմենց տղուն, որ երկու օր է պահած էր երեսը: Փսփսաց, լերան դին, Ջուրելածին ուղղութեամբ` գիշերը, կանուխ, տեսնուած պզտիկ ու շուտ մարող կրակին մասին: (Ատի` թաքստոցն էր եղած յեղափոխականներուն): Բայց տղաները կը նեղուէին: Ամէն գեղ ու տեղ, դաշտի պահապաններուն խելքը կը չափուի իրենց տրեխներուն փոկովը, որուն հասակէն ելլելու վեր չունին իրաւունք եթէ քաջութեան արարք մը, ու հետեւանք` պատկառանքը չի ծռեր տղաներուն սնափառութիւնը: Յետոյ` պահակ կամ վարժապետ, մոռնալու չեն օրէնքը, որ աղաները կ՚արտօնէ մտածելու ու գործելու գեղին փոխարէն: Մնաց որ, անոնք քուէով զգեցած են այդ մանտաթը: Ո՞վ կու տայ թագաւորին` ափերով ոսկին: -Անորն է շատ, իրաւունքը ասանկ բաներու մասին խելք յոգնեցնելու: Գեղին մէջ կիրքերը կը նմա նի ն սիկարի տուփերու, որոնք փոքրագոյն պատեհութենէն կը նետուին մէջքէն դուրս ու կը փռեն ինքզինքնին: Պարծենկոտութիւնը, ազգային արատ, ամէնէն աւելի անպաշտպան կողմերու վրայ կը բռնանայ: Թող ձեռքը բերանն հասնող (բարեկեցիկ) մարդ մը անցնի հանրային դիրքի - մեծ կամ պզտ իկ -, երկրորդ շաբթուն անոր կնիկը «նորափետուր կը զարդարուի», գործածելու համար` նուիրագործուած ասութիւն մը: Պահակը լաւ, շատ լաւ կ՚ընէր երթալու Նոր ճամբան, սպասելու ոստիկաններուն, որոնք ո՛ւր է ուր չէ` կը բուսնէին հիմա: «Բերնին փայը» առած, շատզրուց Ուստիանը դար ձաւ կրունկին վրայ:

Միւս կողմէ` այդ իմաստուն աղաները մարդ ղրկեցին Սարեկենց տունը - ուր փոխադրուած էր Աղուորը -, ժամ առաջ ունենալու համար անոր ըսելիքը աղէտէն: Ու կը պատռտէին գլուխնին ճեղք մը բանալու հսկայ հանելուկէն ներս: Մէկը անունը տուաւ Սեւճանենց Նուշին: Չէ ր գիտեր, թէ ինչո՞ւ կը նորոգէր տրտում պատմութիւնը: Երկու տարի առաջ էր ատիկա: Առտու մը, ճիշդ սա եղանակին, ուրիշ աղաներ, ժողվուած էին սա սրճարանին մէջ, ընդունելու համար վկայութիւնը քստմնելի ոճիրի մը, գործուած մինչեւ ատ օրը գառնուկ հարսի մը ձեռքով, որ կը խոս տովանէր խղդած ըլլալ իր կեսուրը ախոռին մէջ, թեթեւ կռուի մը ընթացքին (իրականութիւնը անշուշտ պարզ էր շատ աւելի, որքան չէին ընդուներ աղաները, քանի որ գեղերուն մէջ յանկարծահաս մահը միշտ առիթ կը բանայ իրաւ ու սուտ շշուկներու): Ախոռին մէջ կռնակին վրայ ինկող իր կեսուրը, որու բերանէն լական 3 մը արիւն էր վազեր, անիկա թխմած էր վախուն իրենց հացին փուռը: Չըլլար խորովածին հոտը ու, մա՛նաւանդ` ճռզած պառաւին մեծաքանակ ճարպը, որ մարած էր բոցը իր շատութեանը երեսէն, մոխիրը հարկաւ ծածկած պիտի ըլլար յանդուգն եղեռնը, ինչպէս կը տրամաբանէր իմաստուն գեղը: Աշխարհքը փոխուա՜ծ էր տասը-քսան տարուան մէջ, չճանչցուելու աստիճան: Ու Մարդոց որդիները դարձեր էին խելացի, շուարումի մատնելու չափ Աստուծոյ որդիները: Ծննդոց գիրքին այս մութ պատկերները, գամուած աղաներուն ուղեղին, երբ տասնամեայ տղայ էին անոնք, կը գործածուէին այս տեսակ խելքէ վեր վիճակներու դիմաց:

-Անանկ չէ՞, տէր հա՛յր, - հարցուց այդ մէկը նորէն տէր Մինասին, որ « Օրհնեալ եղերուք »ը կէս ձգած բերնին` շտապեր էր սրճարան, դեղնած, յուզուած, փէշերը, թեղանիքը անդադար խելօքութեան հրաւիրող իր շարժումներէն զգ ալաբար նուաճուած:

-Ըսէք Աստուծոյ մատը, վերջանայ:

Տէրտէրին բանաձեւը պատիւ կը բերէր անոր կնիկի խելքին:

1 Այբը տեսնել, բենը դատին ղրկել - անծակ տգէտ ըլլալ:

2 Աչից պահել - աչքէ, չար աչքէ պահել:

3 Լական - կոնք: