***
Անդին,
չորս
հսկայ
պատերը,
շատ
տեղ
հազիւ
պղտորած
ճերմակ
իրենց
երեսներէն
-
մուխը
ատեն
չէր
ունեցած
շատ
տնտնալու
-,
ձգուած
էին
կմախքի
իրենց
ճակատագրին:
Բարակ
է
ր
մուխն
ալ,
թեթեւուկ
ու
կապոյտ,
որ
կը
մղկտար
տակաւին
ցեխոտ
ածուխներուն,
սեւ
ու
հսկայական
օձերու
նման
երկարած
կամ
ճմռկուած
սիւներուն
վերեւ,
բայց
կը
կճէր
քիթը
պղպեղի
նման:
Մարդիկ
կ՚անցնէին
ու
կը
դառնային
կծու
եւ
խոնաւ
այդ
տեսարանին
առջեւէն
ու
մէջէն,
ոգեկոչ
ելով,
անշուշտ
հասածները,
հաճի
Արթինին
պալատը,
ան
ալ,
հրդեհէն
ետք,
ասոր
պէս
չորս
պատերով
պսակաւոր:
Ծերունի
մը
բաղդատեց
երկու
կրակները,
անցեալին
կարկինովը
ու
չրայի
պէս
երկինքը
կրակելու
չափ
հզօր
հին
հրդեհին
մօտ
սա
երկու
ժամ
իսկ
հազիւ
տեւող
պատահարը
գտաւ
պզտի
կ:
Բայց
խելք
ունէր
այդ
ծերունին:
Անիկա
շարունակեց
նմանութիւնը,
այս
անգամ
գալիքին
անկիւնէն:
Տուն
մը
տղայ
կը
հետեւի,
հաճիին
դագաղին:
Պարտքը,
կործանումը,
բոլոր
կալուածներուն
կորուստը
գեղացին
չի
փոխեր
զաւկըներուն
անկորուստ
փաղանգին:
Տասը
տարի՛,
ամէնէն
շա՜տը,
ո
րպէսզի
փողոցին
մէջ
բաց-փոր
ու
խլլոտ
հաց
մուրող
ատ
խլէզները
մարդանան,
փլեն
հայրենի
տունը
եւ
«եւս
մեծամեծս
շինեն»`
ինչպէս
կը
բարբառէր
տէր
Օհանը,
երբ
հիմնարկէքի
օրհնութեան
ատեն
կը
կարդար
Աւետարանը
ու
կը
յիշէր
զուարթութեամբ
նեղ
օրերը
սա
Քարվան
սարայը
բարձրացնող
բազուկներուն:
Ու
ծերունին
հարցուց,
մելամաղձոտ
ու
սիրտցաւ.
-Ո՞ւր
են
ատ
տղաքը:
Ո՞ւր
էր
տղան,
որ
ամէնէ
դիմացկուն
ապրանքն
է
մեր
աշխարհին:
Որ,
միս-մինակը,
կը
բաւէ
յաղթահարելու
բոլոր
փորձանքները
ու
ճերմակ
ընելու
յիշատակը
պարտական
մեռելներուն:
Ըլլայի՜ն
հիմա
տղաք
ը
հաճի
Արթինին:
Կենայի՜ն
խրոխտ`
պատերուն
ճնշումին
ու
սարսափին
դէմ:
Անոնք
կ՚ազատէին
մոխիրին
ճիրաններէն
խորհուրդը
պապենական
տունին:
-Ո՜ւր
հաճի
Սերոբէն,
որ
իր
ուսերովը
ազատեց
պալատին
առաքինութիւնը
ու
մատներովը
տնկեց
անոր
փլատակէն
դուրս
սա
տունը,
յիսուն
ու
աւե
լի
տարիներ
կանգուն
պահելով
հաճիին
փառքը,
թէեւ
ստուերէն:
Աշխարհի
մէջ
ո՜ր
բանը
չի
ծերանար:
Կ՚ըսէր
ծերունին
ու
կը
յիշէր
իր
երիտասարդութիւնը
հաճիին
փառքին
մէջ,
պտոյտներն
ու
կռիւները…:
-Սերոբէ
էֆէնտի՜ն…
Ծերունին
ծամեց
լինտերը,
ով
գիտէ
ի՜նչ
աղտի
զգայութե
նէ
մը
խթանուած
ու
թօթուեց
մօրուքը,
վասնզի
կ՚ախոժէր
իր
մտմտուքը
շարունակել,
օգնութիւն
սպասելով
իր
մօրուքին
թելերէն,
որոնք
անոր
կարծիքով
ուղեղը
կը
փոխադրէին
դուրս,
երբ
գանկը
լերկանար,
ու
ծերերուն
խոհական
ու
իմաստուն
համբաւը
կ՚արժեւորէին:
-Հաճի
Աննա՜ն:
Ով
գիտ
է
անոր
ո՛ր
փառքը
կամ
մեղքը
անցան
ծերուկին
մտքէն:
Եթէ
ստո՜յգ
էր,
որ
կրակը
կերած
էր
զայն:
Ամբողջ
գեղը
երկու
կարծիք
չունէր
այդ
մասին:
Բայց
ամբողջ
գեղը
նոյն
ատեն
կը
սպասէր,
որ
լերան
կողմէն
ներկայանար
սուրհանդակը,
աւազակներու
փրկանքը
ճշդող,
վասնզի
նոյն
ատեն
կ՚ո
ւզ
էին
գիտնալ
յաւակնիլ
հեղինակները
կրակին:
Այլապէս`
մարած
էր
ընդմիշտ
օճախը
հաճի
Արթինին:
Գեղացին
մէ՞կ
կը
մտածէ,
թէ
մտածումը
դուրսը
գոյաւոր
իսկութիւն
մըն
է,
որ
կը
մտնէ
անոնց
գանկին
տակ:
-Հաճի
Արթին
աղա՛,
-
ու
չլրացուց
այդ
մէկը
իր
նախադասութիւնը:
-Նո՜ր
մեռար:
Ո՞վ
էր
ըսողը:
Բայց
կ՚ըսէր
բոլորին
ալ
մտածումը:
Նալպանտենց
միւս
տղաքը,
շատոնց
մերկացած
էին,
գեղին
համարումին
մէջ
հաճի
Արթինին
արիւնէն:
Անոնց
քալուածքն
ու
հագուածքը
անգամ
դուրս
էին
գերդաստանեան
կնիքէն,
որ
ընտանիքի
մը
զանազան
պորտերը
սանկ
իրարու
հանգունատիպ
գիծերով
ճանաչելի
կ՚ընէ
իրար
մէջ:
Տակաւին
եկաւ
այդ
ամբոխին
ուղեղին
ծանր
յիշատակը
այդ
տունին
մեղքերուն,
որ
ճամբայ
հարթեց
դէպի
իրական
գետինը
մարդոց
հոգերուն:
Այսպէս
թէ
այնպէս,
մարդ
կը
մտածէ,
նոյնիսկ
գերեզմանի
մը
առջեւ:
Ու
պիտի
մտածէ,
աւա՜ղ,
ո՛չ
թէ
ուրիշին
ու
ան
որ
հասած
փորձանքին,
այլ`
ի՛ր
իսկ
շահուն:
Ու
եղաւ
ատիկա:
Դառնախոհ
այս
պատկերներուն
կը
յաջորդէր
զուարթ
ըսուելու
չափ
դիւր,
հաճ
զգայութիւն
մը,
նման
անոր,
զոր
կ՚ունենար
զրկուած
գեղացին,
ամէն
անգամ,
որ
բռնաւոր
մը,
զօրաւոր
մը,
ատելի
հարուստ
մը
կը
թաղէր
հողին
տա
կ
ու,
լայն
շունչ
առնելով`
կ՚իջնար
իր
գործին:
Հո՞ս:
Անշո՛ւշտ:
Իրաւացի
էին
Աստըծոյ
կամքը
կանչելու,
խառնելու
հսկայ
աղէտին,
դատապարտելէ
առաջ
անկարելի
քարսրտութիւնը
շուներու
տէօլ
ին,
Սերոբէ
էֆէնտիին,
որ
դիւային
իր
խելքովը
վաշխը
վերածած
էր
գրեթէ
պետական
օրէնքի:
Հ
արկերու
համար
կառավարութեան
խստութիւնը
ստեղծեր
էր
այս
նոր
իրակարգը:
Ազատելու
համար
իր
անկողինն
ու
լուացքի
սանը,
մա՛նաւանդ
անունը,
նեղն
ինկած
հայրը,
որբեւայրին
ափը
կ՚առնէին
ունեւորին
դուռը:
Այս
պայմանները
սրբագործեցին
գեղին
մէջ
միայն
ընթացիկ
տոկոսը,
որ
ամսուան
մը
համար
մինչեւ
հարիւրին
յիսունը
կը
գտնէր
հարկի
տագնապին
զայրագնած
օրերուն:
Սերոբէ
էֆէնտին
կը
զատուէր
միւս
հարուստներէն
չուզելով
մուրհակ,
ոչ
իսկ
տող
մը
գիր:
Բայց
առանց
դատական
միջամտութեան,
պարզ
իր
լրբութեամբը,
ամէն
առիթ
շահագործելու
անլուր
իր
ճարտարութեամբը
ու
անտես,
ո՛չ
ճակատէն,
այլ`
կողմնակի
հարուածներու
իր
չարաւարտ
մասնագիտութեամբը
իր
պարտքին,
հատուցումին
կը
ստիպէր
փոխառուն,
տղոցը
բերնէն
օրական
հացն
իսկ
խլելով
Նալպանտենց
կատոզը
կրելու
աստիճան:
Անոր
բոլոր
պարտականները
(ոչ
մէկ
աղքատ
մտքէն
անցուցած
է
զարնել
անոր
դուռը,
նախապէս
վստահ
իր
վռնտուելուն:
Մէջ-մարդեր,
այն
միւսները,
որոնք
կալուած
ունին,
պատիւ
ունին
ու
տուրք,
կամ
ձախող
տարի
մը`
հիւա՜նդ:
Որոնք,
խիղճ
ունեցողներ,
փրկելու
համար
հրապարակային
գայթակղութիւն
մը
-
թուրքերը
խորապէս
կը
ճանչնան
մեր
ժողովուրդը
ու
անոր
ստոր
բնազդները
զիրար
կործանելու
ու
կ՚արժեւորեն
այդ
գիտութիւնը
անջատ-անջատ
զարնելով
մեր
գլուխներուն
-
կամ
կեանքը
կնոջ
ու
զաւկի,
մէջք
պիտի
տան
այդ
անլուր
սակին
ու
պիտի
շեղեն
իրենց
տունին
շտկած
ջոկատը
ոստիկաններուն
կամ
պիտի
դիմեն
քաղաք,
կործանելով
իրենց
տնտեսութիւնը,
բայց
շահելով
անունն
ու
կեանքը),
սարսափն
ունէին
անոր
տաղանդին,
առնուազն
թուրքերով
պատուհասուելու
ա՛լ
ընդհանրացած
անոր
գաղտ
ձեւին:
Ու
կ՚ատէին
այս
քրիստոնեայ,
յարգուած,
գեղաբնակ
յուղկահարը,
որ
իր
նմանը
չունէր
նոյնիսկ
թուրք
գեղերու
մեծահարուստներուն
մէջ,
բարբարոս,
բայց
ձեռքերնին
բաց
աղաներ,
մա՛նաւանդ
Ջարդերէն
առաջ,
տուող
փո՛խ,
միայն
Աստուծոյ
անունով,
մերժելով
վաշխը,
իրենց
հալալին
վախնալով
խառնել
անարդար
վաստակ:
Այսպէս
կը
դատէին
մարդերը,
գերեզմանի
փոխարէն
ունենալով
իրենց
առջին
հսկայ
աւերակը
ու
հաշուեկշիռը
կ՚ընէին
մայր
ու
տղու
կենցաղին:
Քաղցր
ու
տրտում
գիտութի՜ւն,
ասիկա,
որուն
էջերը
անթիւ
իրենց
զանազանութեանը
մէջ
կը
պղտորուին
ու
կը
դնեն
մարդոց
-
նայուածքին
միշտ
նոյն
մոխիը
-
պատկերը
մեր
մահուան,
մեր
գործերուն
փոշիովը
պահ
մը
շամանդաղուած,
սառելէ,
քարանալէ
առաջ:
Բայց
կրակով
ստեղծուած
հարցերուն
ամէնէն
փափուկը,
մա՛նաւանդ
հետեւանքներով
հարուստը
Նալպանտենց
հարսին
նուաղումն
էր,
այսինքն
երկար
ու
ամբողջ:
Չկար
անոր
մայրը,
պաշտպանելու
համար
(ինչպէս
կ՚ըսէ
ամէն
մայր,
որբացնելու
աստիճան
կախաղանին
իսկ
ոտքին,
մեռնելիք
ի
ր
զաւակը)
Աղուորին
այս
ուշաթափումը
անոր
ընթացիկ
տարտովը:
Ըսի,
թէ
գեղը
կը
մտածէ
ոչխարներու
հօտի
մը
նման
-
պատճառ
չկայ
քաղաքը
տարբեր
տեսնելու
-
ու
կ՚ընդունի
շինուած
դատաստանները
մեծ
փութկոտութեամբ:
Մեղքնալը
բարքերու
մաս
է
անշուշտ:
Բայց
նոյնքան`
հեգնելը,
չարա
խօ
սելը,
մա՛նաւանդ
անտէր
տուն
մը
իր
ճակատագրին
լքելը:
Շատեր
ընդունեցին
Իսրայէլին
մտածելու
կերպը,
ընդհանրացումները
ու
ցրուեցան
իրենց
գործին:
Ոստիկաններու
ժամանումէն
առաջ
գեղին
անդամալոյծներն
անգամ
համոզուած
էին
դերին,
զոր
ունեցեր
էր
Աղուորին
արգանդը
աղէտին
մէ
ջ:
Սարեկ
խնամին
Նալպանտենց
աւերակէն
պիտի
բաժնուէր
ընդմիշտ,
երկննալով
ժամուն
ճաղին
մէջը,
վերջին
անգամ
մըն
ալ
մտնելու
սեփական
իր
բակը:
Հոն
անիկա
առնէր
պիտի
յետին
արդուզարդը
մահուան:
Պիտի
լոգցուէր,
հագցուէր
ու
աւուր
պատշաճի`
«լացուած
ու
գովուած»,
հանդերձուէր
պի
տի
ժամ,
հանգստեան
կարգին,
չորս
ուսերէ
ամբարձիգ:
Կանուխկեկ,
բայց
օրէնքին
յարգանքին
մէջ,
կատարուեցաւ
ամէն
բան:
Այդ
օրէնքը
գեղը
շինած
է
ով
գիտէ
որքա՛ն
հեռուներէ:
Յուղարկաւորները
(առանց
տեղեակ
ըլլալու
Սարեկին
բաժինին),
սա
աղէտին
յանգող
իրադարձութեանց
մէջ,
յա
րգ
ելու
համար
հնօրեայ
աւանդութիւն
մը,
որ
Աստուած
գիտէ
ինչ
զրկանքներու
աղօտ
հետքերը
կը
կրէ
այժմու
ողորկ
ու
թեթեւ
տարազին
վրայ,
ու
մարդոց
անխուսափելի
տկարութիւնները
ու
մահուան
սրբազան,
հարթիչ
թաթը
կը
ձգտի
հաշտեցնել
կործանած
փառքին
ու
խփուած,
տարաժամ
շիջած
աճի
ւնին
վրայ
-
գերեզմանը
ուրիշ
բան
չէ
-,
փսփսային
անոր
դագաղը
հողք
իջեցնելէ
ետքը,
պայմանադրական
ու
խորախորհուրդ
պատգամը.
-Թուղթերդ
մաքո՜ւր,
Սարեկենց
հարս…
Կինը
հարս
է
միշտ,
Սարեկին
պէս
վաւերական
պառաւ
մը
մեռնելու
ատենն
անգամ:
Գուցէ`
որովհետեւ
մեռելը
դուրս
է
ո
ւժին
ու
վտանգին
պարունակէն,
երբ
կ՚երկարի
իր
ճաղին,
դառնալու
համար
սխրալի
բանաձեւին
-
հարսնութեան
առքին:
Պատգամը,
տարօրէն
դիպող,
չխռովեց
ոչ
ոք,
ու
թաղուեցաւ
հողքին
մէջ:
Անոր
հետ
կը
ճամբորդէր
դէպի
մեծ
ատեանը
անոր
թերեւս
մէկ
հատիկ
մեղքը:
Ու
կնքեցին
գերեզման
ը
մինչեւ
ցգալուստն
Քրիստոսի:
-Ազատեցա՜ւ:
Պառաւ
ու
ծե՜ր,
երբ
կ՚իջնէին
գերեզմանի
զառիվարէն,
խորհելով
իրենց
ժամին
ու
ըսելով
գողտր,
ցաւոտ
բառը
մտքով
ու
շրթներով.
-Տէր
օղորմի
մեզի:
Աւելի
քիչ
տարիովնե՛րը,
որոնց
համար
կեանքը
կ՚ըլլար
հետզհետէ
աւելի
նեղ
ու
սեւ:
Խու
ճա
պ,
վախէն
անդին
անստոյգ
անձո՛ւկը:
Ոստիկանները:
Հաճի
Աննային
ու
Սերոբին
ճե՛նճը:
Հարիւրապետը:
Յեղափոխականներուն
մղձաւանջը:
Օրուան
հա՜ցը:
Նալպանտենց
նուաղած
հարսը
ու
անոր
կապուած
առեղծուածը:
Աղբօրը
շալկով,
մօրը
գերեզման
հասնելէն
առաջ,
Աղուորը
կը
պառկէր
հայրե
նի
տունը:
Անկողին
չձգեցին
անոր.
շուարա՞ծ
ըլլալնուն,
թէ
աւելի
խուլ
պատճառէ
մը
վարուած:
Նոյնն
էր
բազմոցը,
ուր
ամիս
առաջ,
էրկանը
տունէն
փախուստին
իրիկունը,
անիկա
ունեցեր
էր
Սողոմենց
տղուն
հետ
սրտի
առաջին
հեղումը:
Առնելով
վար
իր
շալակէն:
Օհանը
շտկեց
անոր
պլուզ
ին
ժմռմտուքը,
տեղաւորեց
մազերը
ու
ձգելէ
յետոյ
վրան
մօրը
վալան,
վազեց
ժամ:
Երիտասարդ
կիներ
շրջապատեցին
անոր
նուաղումը:
Միւս
սենեակին
մէջ,
թաղին
պառաւները
սարքեցին
սուգի
հանդիսանքը:
Պարզ
ու
կամա՛ց:
Բոլորին
վրայ
կը
ճնշէր
մահէն
ալ
վեր
ծանրութիւն
մը:
Գերեզմանը
-
գոցուողը
-
չէր
առաջացուցած
աստիճանաբար
թեթեւ,
սփոփիչ
համակերպումը,
որով
կը
դիմաւորենք
ճակատագրին
հարուածները
ու
տուն
կու
տանք
իմաստուն
պատրանքներու:
Րոպէէ
րոպէ
տեսարան
գալու
կը
պատրաստուէին,
դրացիներուն
կարծիքով,
նոր
խռովքներ,
կրելով
մահերուն
ու
կրակին
թ
աթը,
կնիքը:
Ի՞նչ
չունէր
պատմելիք
Նալպանտենց
հարսը,
հեղ
մը
արթնցած:
Որո՞նց
անունները:
Քանի՜
հոգի
իյնալու
էին
վտանգի
բերնին:
Ու
տխուր,
սիրտցաւ`
դրացիները
ուշադիր
հերթով
մը
կը
կատարէին
իրենց
պարտքը:
Մահէն
-
թաղումէն
-
վերջը
մխիթարանքի
սպասարկութիւնը
սրտառուչ
կ
ազմակերպութիւն
մըն
է,
ուր
մուտք
ունին
մեր
քանի
մը
հզօրագոյն
առաքինութիւնները:
Մահուան
սենեակին
մէջ
-
ուրկէ
ելած
է
հոգին:
Հոս`
փոխարինում
-
ցածուկ,
անոնք
կ՚ընէին
լացը,
օրինաւոր,
ջերմ
ու
զովացուցիչ`
ինչպէս
ախորժէին
պիտի
աչքերը
մայրերուն,
երբ
իրենց
անյատակ
վիշտին
մէջ
կ՚ընկերուէին
ուրիշ
աչքերէ:
Յետոյ
չորցնելով
քիչ
մը
կարմրուկ
իրենց
թարթիչները,
կու
գային
նստելու
Աղուորին
սենեակը:
Մօրենական
թաղին
մէջ
Նալպանտենց
հարսը
եղեր
էր
միշտ
պարզ,
պուպրիկի
պէս,
մարդամօտ,
ու
դժբախտ
հարսնուկի
իր
թախիծովը
սրտառուչ:
Ու
կը
սիրէին
զինքը
մեծէն
պզտիկը,
զայն
ընդունելով
թաղին
բարիքն
ու
փառքը:
Հիմա,
տժգոյն,
մեռել`
կ՚երկննար
անիկա
խսիր,
խոտկուռ
բազմոցին:
Կեանքը
կը
վարանէր
զայն
ձգելու
կամ
անոր
դառնալու:
Վալային
ներքեւ
պատսպարուած
անոր
զգեստը
կը
միջամտէր,
տալու
անոր
դիակին
պարագայական
հոծութիւնը:
Ամէնուն
մտքին
մէջ
անիկա
եղաւ
քալող
հարսնուկը,
ա՛ն`
որ
մեղրագոյն
բեհեզի
մը
մէջ
պատմուճանուած,
ըղձաւոր
իր
խորհուրդը
կը
դողացնէր
դռնառաջներուն,
պառաւներուն
վերադարձնելով
ա՛լ
աղօտած
տեսիլքը
իրենց
պարմանութեան:
Կեանքը
անորակելի
բան
է
անոնց
համար,
որոնք
ա
ւերակները
եղան
անոր
տաճարին:
Երիտասարդութիւնը,
ուժը,
աղուորութիւնը
պարզ
բառեր
չեն:
Խմորոտ
իր
զգեստին
մէջ`
Նալպանտենց
հարսը
անհասկնալի
բան
էր
այցուորներուն:
Անոնք
ուրկէ՞
գիտնային,
թէ
թշուառ
այդ
հագուստը
հաց-եփ
Մարթայինն
էր,
աճապարանքով
նետուած
վրան,
արիշին
տակ:
Մե՞րկ:
Չէր
անշուշտ,
երբ
զինքը
տեսաւ
բարի
կնկուկը:
Բայց
արդարի
սովորութիւն
է
բան
մը
աւելցնել
քունին`
ինչպէս
հիւանդին
վրայ:
Հարուստն
ու
աղքատը
վար
կը
մնան
այս
օրէնքէն:
Այլապէս
ուրկէ՜
ուր,
հաւանաբար
տարին
հեղ
մը
ջուր
մտնող,
տան
կտաւէ
հաստ
պարեգօտ
մը,
հաց
-եփ
Մարթային
գուցէ
ըլլար
կռնակէն,
պիտի
համարձակէր
ծածկել
փութալու
սնդուռին
ու
խաս
մուշտակին
արժանաւոր
պուպրիկը,
Նալպանտենց
հարսը:
…Անոնք
գիտէին
նոյն
ատեն
արդարութիւնը
այդ
օրէնքին:
Սարեկենց
աղջիկը
կը
դառնար
իր
ծնունդին
տունը,
առատութեան
ու
ոսկիի
հինգ
տա
րիներէն
ետքը,
այդպէս
խմորոտ
ու
աղքատ:
Կը
լսէի՞ն
արդէն
վերնական
հրամանը,
որ
եղին
ու
մեղրին
ընծայաւոր
սա
հարսը,
գուցէ,
վաղ
առտուէն
կը
կանչէր
այրիներուն
ընթացիկ
զբաղումին,
օտարին
հացը
եփելու
փրըշակ
գործին:
Ատով
էր
ապրելու
աղբրտանցը
տունէն`
առէն
հեռացած
Նալպան
տենց
հարսը,
քանի
մը
ամիս
վերջը:
Ու
աղէտին
մէջ,
կեանքը
արագ
ամբոխումներով
կը
քալէ:
Մարդիկ
մեծ
համառօտումի
մը
մէջ
կ՚ապրին
փառքը:
Հոգեվարքը
տպաւորիչ
է
իբր
մեծագոյն
սպառիչը
մեր
սնամտութեանց`
ինչպէս
կարելի
գեղեցկութեանց:
Նուաղումը
մօտիկ
է
մահուան:
Այցուորները
պահէ
պահ
իրենց
աչքը
կը
հանգչեցնէին
Աղուորին
որովայնին,
ուր
հեքիաթն
ու
մեղքը
վրան
էին
զարկած:
Բայց
անիկա
կը
մնար
խաղաղ
ու
անարտայայտ:
Սո՞ւտ`
պատգամը
հաճի
Աննային:
Ստոյգը
ա՛ն
էր,
որ
Աղուորը
ոչինչ
էր
խօսած
իր
տարեկիցներուն:
Ու
թարմ
էր
մեծադղորդ
սուտը
շինծու
յղութեան
մը,
որ
ամուլ
հարս
մը
օրուան
հերոսը
կ՚ընէր,
այսպէս
պատարագով
ու
հանդէսով,
յանգելու
համար
յիմար
սմքումի:
Անոնք
կը
մեղքնային
պառկող
կնոջ:
Ու
կը
խորհէին
անորդի
հարսնուկին,
որուն
շնորհուածը
զոյգ
մը
կօշիկ
էր
էրկանը
բոլոր
վարէթէն…
Գովքի
ատեն
սովորութիւն
է
ժամը
հեղ
մը
դադար
տալ
լացին:
Մեռնողին
հոգին,
երկինք
ղրկուելէ
առաջ,
վերջին
անգամ
մըն
ալ
կը
դառնայ
իր
տունը:
Սարեկենց
Բաբէ՜թը:
Հարկաւ
կը
տեսնէր
իր
աղջիկը,
հաց-եփ
Մարթային
պարեգոտին
մէջ:
Խորունկ
ու
տխուր
յուզում
մը
այս
մտածումին
ընդմէջէն,
բոլորին
ալ
երեսին:
Անոնք
դեռ
չունէին
ուրիշ
մարզէ
փորձանքներուն
համար
բաժին
զատած
իրենց
հոգերէն:
Թո՜ւրքը:
Մեռելին`
ինչպէս
ողջին
վրայ:
Չուշացաւ
անիկա:
Արդարութեան
պառականին:
Գլուխը`
հարիւրապետը:
Որ,
քանի
մը
ամսէ
ասդին,
խանգարուած`
իր
անձնդիւր
կենցաղին
մէջ,
գազայէն
յաճախակի
իր
հեռացումներուն
ցաւը
սրտին,
երդում
էր
ըրած
խոշոր
կրակ
բանալ
անհաւատ
ատ
գեղին
գլխուն:
Ոչինչ
այնքան
տխուր
է
ու
վեր
մեզի
ծանօթ
բարբարոսութենէն,
որքան
փոքր
գեղերուն
մենծ
աղաներուն
սա
զայրոյթը:
Պարզ
թուրք
հոգենիւթը
չի
բացատրեր
այս
տգեղութիւնը
թաթարին,
որ
կ՚ելլ
է
իր
հոմանիին
ծոցէն
ու
կը
շտկուի
հայ
գեղերը,
եէր
իլէ
իքսան
ընելու
երդումով
ու
կ՚անասնանայ:
Անիկա
այս
հրդեհին
մէջ
հոտն
էր
առած
յեղափոխական
վրէժխնդրութեան
մը,
ինչպէս
կը
տրուէր
հանդիպիլ
այս
կարգէ
սպանութիւններու,
կայսրութեան
զանազան
մարզերէն,
մասնաւորի`
մեծ
քաղաքներուն
մէջ:
Հարուստներ
ու
թուրքին
բարեկամ
«պատուական»
էֆէնտիներ
կ՚իյնային
անոնց
դանակովը:
Անշուշտ
հարիւր
մատնիչ
հայու
արիւնը
նուազ
կ՚արժէ,
քան
թուրքի
մը
արիւնը:
Բայց
առիթը
օգտագործելն
է
պատահարին
համով
կողմը:
Անիկա
ջոկատ
մը
զինուոր
զետեղեց
գեղին
բացադիր
անցքերուն,
սպասող
իր
հրամաններուն,
սուրալու
պահանջուած
ուղղութեամբ,
ձերբակալ
ընելու
աւազակները
-
անպատճառ
քոմիթաճիներ
-,
որոնք
արիւնն
էին
մտեր
պետութեան
հաւատարիմ
ու
խելացի
էֆէնտիին:
Գազաներու
այս
աստուածները,
գեղերուն
մէջ
ամենազօր,
ողորմելի
արարածներ
են
ձիու
քամակին,
երբ
կը
մխուին
աւազակներով
յաճախուած
առանձնութեանց
խորերը:
Թո՛ւրք,
հա՛յ,
ասպատակը
միշտ
տասն
անգամ
աւելի
կ՚արժէ
իր
մարզին
վրայ,
քան
ամէնէն
սրտոտ
հազարապետը,
որ
միշտ
իր
ետին
պիտի
նայի,
այսինքն`
քաղքի
իր
կապերուն:
Այս
անզօրութիւնը,
զեղումի
գետ
նին
վրայ,
զանոնք
կ՚ընէ
տխուր,
դաժան
ու
վախէն
սնած
յաւակնոտներ,
որոնք
պարզ
մարդոց
գլխուն
պիտի
թափեն
ներքին
իրենց
վրէժը:
Համազգեստով
բռնաւորները
հարիւր
անգամ
աւելի
ատելի
են,
քան
ասպատակները,
որոնք
կը
զարնեն,
բայց
կը
յարգեն
ալ
քաջութիւնն
ու
աղքատութիւնը,
քիչ
անգամ
չկանչուած`
կը
մտնեն
հարսի
մը
անկողինը:
Յստակ,
վճռական
իր
համոզումին
մէջ,
իր
քէներով
սպառազէն
ու
իր
ատելութեան
մէջ
զրահուած`
անիկա
հասեր
էր
սահմանը
հայ
գեղին,
ուրկէ
ամիս
առաջ
դասական
թափօրով
գեղին
տղաները
բանտ
էր
թափեր
քոմիթաճիներու
հարցով:
Հիմա՞:
Պէտ
ք
չունեցաւ
նոյնիսկ
երեւակայութեան
նպաստին:
Իբր
բացարձակ
իրողութիւն
անիկա
հնարեց,
յարդարեց,
տարազեց
ամբողջական
դաւադրութիւն
մը,
ղեկավարուած
մութ
ու
«խռովարար»
ուժերէ,
մեծ
մասը
օտարական`
նման
բռնուած
զոյգին,
ու
գլուխ
հանուած
տեղացիներով,
որոնց
մէջ
բաժին
ունէ
ր
Սողոմենց
տղան:
Հոգիին
խորէն
անիկա
կը
ծիծաղէր
այս
հնարքին
ճարտարութեանը
վրայ,
վասնզի
դեռ
ոստիկանութիւնը
կը
շարունակէր
պահել
իր
մտայնութիւնը
անփոփոխ`
հանդէպ
Հայկական
Հարցին,
-
կողոպուտի,
կաշառքի,
հեշտանքի
բաց
դուռ
ամէն
վայելախոյզ
սրիկայի:
Կոտրելու,
թափելու,
արիւն
ու
սիրտ
բզկտելու
մարզա՛նք,
ատիկա
բոլորին
մատչելի:
Գեղ
մտնելէ
առաջ,
անոր
ուղեղը
պատրաստուած
էր
այս
հանդէսին
ու
պաշարումի
իր
հրամանները
ատիկա,
ու
աւելին
ալ
կ՚ապացուցանէին:
Անիկա
քիչ
մը
դժուար
ետ
մղեց
իր
փորձառութիւնը,
յելուզակային
բախումներէ,
սա
շր
ջա
նին
մէջ,
ուր
լեռները
բնական
ապաստաններ
են
դարերէ
ի
վեր
ամէն
ոճրագործի:
Մանոլը,
ասպատակ
մը,
ճիշդ
կէս
դար
է
ապրած
անոնց
մէջ,
առանց
նեղուելու
ասպատակ
հետապնդող
հազարապետներէն,
երբեմն
աւելի
մեծաստիճան
զինուորականներէ:
Հայ
թէ
թուրք,
արիւն
թափողը,
քաղաքի
իր
ար
հեստակիցներուն
նման,
փոխանակ
ծակամուտ
կծկտելու,
կ՚ամրանայ
անտառները,
ուր
պատեհութիւն
ունի
առնուազն
աչքին
ու
մատներուն
պաղարիւնովը,
նշան
առնելու
մէջ,
հեռու
պիտի
պահէ
թշնամին
գնդակին
հասողութեամբ,
կամ
դանակով
գրոհի
մը
մէջ
պիտի
գիտնայ
պատռտել
լեղապատառ
ոստիկան
զինուորներու
շղթան:
Հարիւրապետը
կ՚անգիտանա՞ր:
Բայց
ժանտարման
ալ
մարդ
է,
կը
սիրէ
լսել
ասպատակը
գովող
երգ
մը:
Ու
մարդ`
քիչ
մը
աւելի
անշուշտ,
հարիւրապե՜տը,
երբ
հոմանի
ու
կռնակ
ունի:
Ուրե՞մն:
…
Կը
մոռնանք
թուրքը:
Իր
դարաւոր
տիրապետութիւնը
իր
կնիքը
զարկած
է
անոր
վարչութեան
ու
գործելու
կերպերուն:
Հարիւր
տարի
առաջ,
հաւանաբար
մեծափաթթոց
գազան
մըն
էր,
Պոլսէն
վտարական,
որ
կը
մտնէր
սա
գեղերէն
ներս
ու
կը
բռնանար:
Այս
պատմութեան
օրերուն
անոր
արիւնէն
ուրիշ
մը,
որ,
փաթթոցը
փոխանակած
ֆէսով,
կը
շարունակէր
իր
պապերուն
անասնութիւնը,
զգեստաւոր
արդիական
տարազով:
Հարիւրապետը
գիտէր,
թէ
սպաննողը,
կրակ
ձգողը
անցած
են
լեռը:
Բայց
թուրքին
ձիերը
պէտք
է
քալէին
հայերուն
սալարկէն:
Հասկնալի
է
անոր
հոգեկան
«խնծիղը»,
անգամ
մը
գեղէն
ներս:
Տեղին
վրայ
քննութիւն
մը
անոր
պիտի
թելադրէր
անդրագոյ
ն
ուղեգիծ:
Առայժմ`
անիկա
ուրախ
էր,
քանի
որ
կնիկի
պատկեր
մը
կը
խառնուէր
յեղափոխութեան,
սպանութեան,
հրդեհի
եռակի
մեղքերու
եռոտանիին
վերեւ,
կանգուն
ու
ծանօթ:
Անոր
պատմուած
էր
պատահարը
իր
մեծ
գիծերուն
մէջ:
Հրդեհէն
ազատուած`
Նալպանտենց
հարսը
բանալին
էր
ոճիրին:
Ինչպէս,
պարզ
անոր
դէմքին
նկարը,
իր
միտքին
լաթերովը,
չքացուց
գրեթէ
արիւնին
մշուշը
անոր
ներսէն
ու
ըրաւ
անոր
սիրտը
շնորհի
ու
քաղցրութեան
խորան
մը:
Ու
ինչպէս`
նոյն
արագութեամբ,
գծուեցաւ
ուրիշ
պատկեր
մը,
տարի
առաջուան,
Պրուսա
ջերմուկներու
հեշտ
մէկ
տեսարանին
մէջ,
երբ
Սերոբէ
էֆէնտիին
հրաւէրովը
անիկա
բուսեր
էր
պարտէզին
մէջը
հիւրանոցին,
քաղաքային
տարազով:
Կեսո՜ւրը,
անոր
ճարտար
խաղարկութիւնը,
որով
գեղանի
կինը,
յանկարծահաս
խոցտուկով
մը
անկողին
էր
մտեր,
չերեւալու
համար
գինարբուքի
սեղանին:
Քաղաքակիրթ
ազգերու
մէջ
կինը
եր
բեմն
վեր
կը
դիտուի
իր
սեռէն,
նոյնիսկ
սեռային
հոսանուտի
ամէնէն
յորդ
պարունակին
մէջ:
Կիսակիրթ
ազգերու
մէջ
դժուար
թէ
ուրիշ
բան
ըլլայ
անիկա:
Ու
կինը
այն
խմորն
է,
որուն
արտածորումը
մարդերը
մէկ
կ՚ընէ:
Թագակիր
ոչնչութենէն
մինչեւ
մերկ
մուրացիկը:
Հարիւրապետը,
մխուելէ
առաջ
գեղին
փողոցներուն
մէջ,
ապրեցաւ
այդ
անցեալը,
իր
վրիպած
կիրքին
դառն
վայրկեանները,
ծառերու
շուքին
հարուստ
խնճոյքը,
սազ
ու
գանոն,
արեւելեան
երաժշտութիւն,
ու
նուաստ
իր
կորանքը`
թռած
կաքաւէն:
Դիզուած`
իր
նայուածքին
դէմ,
նեղ
իրականութեամբ
ու
հոծ
խորհուրդով
հայ
այդ
տուները
ելան
իմաստի:
Ու
ելան`
առհաւական
ուղիէ:
Անոր
մտքին
այցելեց
դարը,
երբ
իր
պապերը
աղաւնետուն
մտնողի
հանդարտութեամբ
կ՚անցնէին
այդ
դուռներուն
առջեւէն:
Յետոյ,
այդ
ժամանակ,
մեր
Յեղափոխութիւնը
հալածող
ոստիկանութիւնը
դեռ
չէր
գտած
915ի
նրբութեան
մէջ
գերազանցօրէն
հաստ
վայրենութիւնը,
թրքութիւնը
յետին
օրերու
պաշտօնեաներուն:
Զսպումի
գործը,
բնաջնջում
ըլլալէ
աւելի`
մաս
կը
կազմէր
ցեղային
արդուզարդին
(հոգեկանէն
ու
չափով
մըն
ալ
ֆիզիքականէն,
վասնզի
ջարդելու
համար
կը
ձգէին
իրենց
արդի
տարազները
ու
կրկէս
կ՚ելլէին
ի
րենց
արքայիկ
զգեստներով):
Ու
ինչ
որ
ալ
ըսեն,
նոյնիսկ
անոնց
ամէնէն
նրբազգեայ
բանաստեղծներուն
բերնովը,
մեզ
չեն
կրնար
խաբել:
Թուրքերը
քրիստոնեաներուն
մէջ
չեն
հրաժարած
տեսնելէ
ինչ
որ
դարերով
տեսեր
են
իրենց
պապերը:
Անոնք,
դարերով,
վայելք,
հեշտութիւն,
կին
ու
անուշեղէն
են
մշակած
այն
հողերուն
վրայ,
որոնք
վաստկեցան
իրենց
արիւնովը:
Ասիկա
պարզ
նուաճում
մը
չէ,
ոչ
ալ
մեր
պատմութեան
մէջ
քլիշէ
բարբարոսութեան
կոթողը:
Հիմա,
երբ
արդարացման
ձախորդ
ճիգով
մը
կ՚ուրանան
այս
ճշմարտութիւնը
ու
կրկէս
կը
կանչեն
արեւմտեան
առաքինութիւնները,
ճառելով
գութէ,
ազնուութենէ,
չարափոխած
կ՚ըլլան,
ստորին
դիտումով
մը,
իրենց
անցեալին
պայծառ
այս
ձայնահոսանքը:
Ո՞վ
չի
գիտեր,
թէ
անոնք,
անտէրունչ
հողերուն
վրայ
մակաղելու
ձգուած
նախիրը
քրիստոնեաներուն`
նկատած
են
սոսկական
նախիր:
Ռայան
ուրիշ
բան
չէ:
Սրածուողն
է
անիկա,
ուրիշ
խօսքով`
ուզուած
րոպէին
մորթուելիքը:
Անոնք
տէրն
էին
անոր
անձին
ու
ինչքին,
հին
տարիներուն
անառարկելի
բնականութեամբ
մը,
մեր
դարուն`
պատահական
ելոյթներու
թոյլտուութեամբը:
Անոնք
էին,
որ
արգիլեցին
քրիստոնեաները
իսլամանալէ,
վայելքի
աղբիւրները
հոսո
ւն
պահելու
սատիք
հեշտախուզութեամբ
մը:
Հիմա
կ՚ուրանան
ասիկա
ու
մեր
հարստութիւնը
կը
զարնեն
մեր
երեսին,
մոռնալով
տասնիններորդ
դարը,
որ
ջնջեց
գերութիւնը
Ասիայէն
ու
Ափրիկէէն,
բայց
ձեւը
գտաւ
թուրքերուն
ձեռքերը
ազատ
ձգելու,
որպէսզի
ասոնք
շարունակեն
սրածել
մեզ:
Երանելի
քաղաքագէտներ,
պոլսական
լրագրողները,
երբ
իրենց
վաստկած
հողերուն
վրայ
ուրիշ
ազգերու
գոյութիւնը
կը
կապեն
ցեղային
առաքինութեանց
հանգանակներուն
ու
իրենց
զղջումը
կ՚աւաղեն
փարիսեցի
հաստութեամբ
մը:
Ո՞վ
չի
գիտեր,
թէ
այսօրուան
Թուրքիան
կարելի
էր
հարիւր
տարի
ա
ռաջ
ալ:
Բայց
պատմութիւնը
ի՞նչ
պահած
է
հարիւր
տարի
ետքը,
սա
միապաղաղ
երկիրներուն,
իբր
ճակատագիր
ու
զարգացում:
Երկու
դարը
բաւ
եղաւ
այդ
երկիրները
վերածելու
իրենց
տասանորդին:
Գալի՛քը:
Աւելորդ
է
մարգարէութիւնը:
Ամէն
թուրք
տակաւին
այսօր
չէ
հրաժարած
առհաւական
ապ
ահովութենէ,
այսինքն`
կեավուրին
ամէն
ինչին
տէր
ծնած
ըլլալու
ստուգութենէն,
որ,
նոր
ժամանակներու
հարկադրանքովը
քիչ
մը
ձեւափոխուած,
չըսելու
համար`
հերքուած,
թուրքը
կ՚ընէ
բարբարոսէն
աւելի
տխուր
բան
մը:
Արո՛ւն,
որմէ
էգը
խլուի:
Այնպէս
որ,
նոր
շրջաններու
մէջ
ալ,
ինչպէս
էր
հինին,
քաղաքական
ծրագրին
չափ,
գուցէ
անկէ
աւելի
չափով
մը
սեռական
զգայարանքը,
փափկաճաշակ
քիմքը,
ու
Արեւելքի
ընչաքաղց
զարդասիրութիւնն
են,
որ
վարած
են
թուրքը
իր
ջարդերու
պողոտաներէն:
Գո՞ւթը:
Բայց
ո՞վ
ըսաւ,
թէ
նուազ
անգութ
է
Եւրոպան:
Աւելի
անգութ,
բայց
ուրիշ
ախորժակով
ցեղեր,
այսինքն`
ուրիշ
կրթութեամբ,
չեն
կրցած
ջարդել
թուրքին
նման,
գուցէ
սարսափած
կիներու
հեռանկարէն,
վասնզի
այդ
ցեղերուն
մօտ
կինը
արուին
զգայութեանց
վրայ
տիրակալող
հանգոյց
մը
չէ,
այլ`
չորրորդական
զբաղանք
մը:
Թուրքերը
իրենց
սերմովը
վտանգեցին
ինչ
որ
իրենց
քաղաքներուն
մէջ
վերածուէր
պիտի
յիշատակարանի,
արուեստի,
գեղեցկութեան
ու
ձեւի:
Հիմա,
ձգուած
իրենց
կիներուն,
անոնք
գուցէ
յոգնին
շուտով,
ձանձրոյթէն
ու
անգործութենէն:
…Քաղցր
ու
յուզեալ
մտորումով
մը
հարիւրապետը
յանձնեց
ինքզինքը
Նալպանտենց
հարսին
պատկերին,
որ
ամէնէն
թեթեւ
պարագային,
գործ
էր
ունենալու
արդարութեան
հետ,
պարզ
իր
ողջ
մնալով:
Ինչո՞ւ
չէր
ծանրանար
Սողոմենց
տղուն,
որ
անկայուն
ստուերի
մը
պէս
կ՚այցելէր
անոր,
բայց
կը
թռէր
շուտ:
Քալեց
սակայն
ու
զգաց,
որ
դէպքին
մէջ
տիրական
եղելութիւնը
ազատուիլն
էր
Սերոբին
կնոջը:
Յանցաւո՞րը:
Ատոր
պիտի
չմտածէ
ամէն
արու,
նոյնիսկ
արդարութեան
պաշտօնատար:
Մնաց
որ,
թուրքը
զինուոր
է
ու
նման
բոլոր
զինուորականներուն
կ՚ընդհանրացնէ
կիներու
վրայ
յաղթանակը:
Յաւակնութի՞ւն:
Իրականը
ան
էր,
որ
անիկա
պիտի
չհաշտուէր
Սողոմին
բազուկը
տեսնելու
կատարուածին
մէջ,
նոյնիսկ
անառարկելի
վկայութիւններէ
ետքը:
Տղուն
աննշան,
տիրացու,
դեռ
ոչ
մէկ
արարքով
աչքի
չինկած
իսկութի՞ւնն
էր
պատճառ
այս
արհամարհանքին,
թէ
սեփական
իր
պարտութիւնը,
քանի
որ
սա
տարուան
ընթացքին
անիկա
հինգ-վեց
անգամ
հացի
էր
եղեր
Սերոբ
ին
ու
չէր
արժանացեր
անոր
տեսքին:
Հերքելով
հանդերձ
Սողոմին
վրայ
արժէք
ու
կշիռ,
հարկ
դատեց
ունենալ
զայն
ձեռքի
տակ:
Յետոյ
խորհեցաւ
յաճախակի
պատահմունքին,
որով
տան
ծառաները
կապ
կ՚ըլլան
դուրսի
ասպատակին
հետ,
բանալով
դուռները
անոնց
բախումին:
Տէրերու
դէմ
փորձուած
բռնութիւնները
միշտ
ալ
կռթնած
են
ծառաներու
վիշտերուն:
Յանկարծ
յիշեց
ախոռը
ու
Սողոմին
ծեծը:
Գիւղապետին
փոխանորդը
գտեր
էր
զինքը:
Խօսեցան:
Աղուորը
Սարեկենց
տունն
էր:
Սերոբէ
էֆէնտին
ու
մայրը
կը
պակսէին:
Լեռնէն`
ոչ
մէկ
նշան,
սուրհանդակ:
Սարեկենց
տունը
երթալէ
առ
աջ,
անիկա
անցուց
հրդեհին
գետինը
շատ
ուշադիր
զննութենէ
մը:
Թուղթ
չունէր:
Կը
հետեւէին
երեք-չորս
տաճիկ,
անշուշտ
պաշտօնեայ:
Մտրակին
ոսկի
կոթը
կը
զարնէր
ակռաներուն
ու
կը
մտմտար
ծանր,
երեսէն
քացախ,
հոգիէն
ուրախ:
Հրդեհին
տեսարանը
ով
գիտէ
առհաւական
ի՜նչ
պատկեր
կը
յուզէր
անոր
մէջ:
Մէկիկ-մէկիկ,
առանձին,
հարցաքննեց
դրացիները:
Աճապարանք
չունէր
ու
կը
զարմանար
կարճ
չկապելու,
հակառակ
անոր,
որ
Աղուորին
նկարը
ուժգին
բան
մըն
էր,
բռնացող
անոր
մտքին:
Խօսեցաւ
հաց-եփ
Մարթան,
սովորական
իր
իմաստութեամբը,
աւելի
յիմար,
որքան
չէր
եղած
Ծ
երերու
ժողովին:
Տեսածը
պատմելը
դժուար
է,
երբ
մեր
աչքերը
«բաց
աչօք»
կը
հային,
առանց
տեսնելու
կամ
կը
տեսնեն
իրենց
ներսը
միայն:
Երեք
-
չորս
հարցումի
պատասխանած
ատեն
անիկա
արդէն
կրակած
էր
Նալպանտենց
տունը:
-Փախո՞ւկ
է,
-
հարցուց
փոխանորդ
գիւղապետին:
-Աղքա՜տ
է:
Նախադասութիւնը
վերագրելի
կրնար
ըլլալ
ուղեղին
ալ:
Մէկ
աչքէն
կոյր
քարտուղար
մը,
երեսին
վրայ
ափ
մը
ցորեն
նետես`
հատ
մը
իսկ
գետին
չինկող
տեսակէն,
պաղած
նայիլ
կը
փորձէր
ու
չէր
կրնար,
աղքատիկ
կնոջ:
Հեռացուցին:
Կանչուեցան
միւսները,
անուշ
եփողներ,
տալու
իրենց
ա
շխ
ատութեան
մասին
ժամանակի
փաստ:
Ժամացոյցը
տէրտէրին
փորը
կը
վայլէ:
Այս
կնիկները
ի՜նչ
հասկնան
անոր
լեզուէն:
Աքաղաղները
խօսեցուցին
անոնք
ու
կը
պարզուէր
կրակին
սկիզբը
գիշերին
կէսէն
վերջ,
երկրորդ
աքաղաղէն
ալ
ետքը:
Ասիկա
հասարակաց
վկայութիւն
էր:
Ցոյց
տուին
անոր
ցե
խին
մէջ
կէս
մը
թաղուած
ոսկորները:
Մոյկին
քիթովը
դպաւ
զիստին
ու
անցաւ,
յանձնարարելով
բժիշկին
ներկայացնել,
որ
կը
հասնէր
քիչ
վերջը:
Միականի
քարտուղարը
իր
շալվարին
ազը
զգուշութեամբ
հաւաքած
ափին,
կոտրեց
ծունկը,
դպելու
չափ
ոսկորին:
Հարիւրապետը
անցեր
էր
պատէզ:
Ծռեր
գետին:
Համազգեստը
կը
նեղէր
ազատութիւնը
անոր
շարժումներուն:
Ձեռքին
խոշորացոյց`
անիկա
կը
զննէր
բան
մը
հողին
վրայ,
ով
գիտէ
ո՛ր
վէպին
մէջ
սորված
բան
մը
ծախելով
ապշահար
գեղացիներուն:
Ուշադիր`
ինչպէս
դժուար
քակուող
ընթերցումի
մը
առջեւ:
Ցոյց
տուին
իրեն
սան
դո
ւխը:
Քննեց
ձողիկէ
անոր
ոտքերը,
սիւները`
խոշորացոյցը
մաշեցնելու
չափ
շարժելով,
ինչպէս
նկատեց
գեղացի
մը,
որ
կը
հաւատար
ապակիին
մաշելուն,
քանի
որ
մարդոց
աչքերն
իսկ
կը
մաշէին`
ինչպէս
իրենները,
հազիւ
առարկաներուն
սանկ
«շոշորդ»ը
առնելու
կարող
հիմա:
Հարցուց
անու
նը
սանդուխը
հոն
դնողին:
Ոչ
ո՛ք:
-Ինչպէ՞ս
կ՚ըլլայ
ատ:
Կը
մտածէր
բարձրաձայն
ու
չէր
անդրադառնար
ըսածին
յիմարութեանը:
Ո՞վ,
բացի
գողէն,
կրակողէն:
Իր
հրամանովը
ոստիկան
մը
զայն
իջեցուց
գետին:
Այրած
էին
քանի
մը
ոտքերը:
Համրեց
ձողիկները:
Տասնո՛ւթ:
22նոց:
Ուրե՞մն:
Գ
նա
ց
քիչ
անդին
քակուած
սանդուխներուն:
Շղթա՛ն,
կոտրուած`
բայց
փականքէն:
Բանալի՞:
Չէր
երեւար:
Ուրե՞մն:
Դէմքը
կ՚ընէր
հարցումի,
որ
բառի
չէր
վերածուեր:
Քա՛ր
մը:
Քննեց:
Անոր
մարմինէն
շղթային
եկած
տեղերը
պղտոր
ճերմակ
մը
կ՚աղէին,
կարծես
թէ
աղի
կոշտ
մը
ծեծած
ըլլային:
Երկաթը
մաշած
էր
կակուղ
քարը:
Ինչու՞
կը
տնտնար
այս
աննշան
բաներուն
վրայ:
-Ո՞վ
քակեց
այս
կապը:
Ոչ
ոք
ներկայացաւ:
Ամբոխը
մտովի
ծիծաղեցաւ
անխելք
իմաստունին
վրայ:
Հարիւրապետը
մեծ
իր
իմացականութիւնը
լարեր
էր
գտնելու
սանդուխին
գաղտնիքը:
Կրակէն
առա՞ջ,
թէ
յետոյ:
Ո՞
վ
պիտի
պատասխանէր
այդ
հարցումին:
Ձգեց
զայն:
Բացուեցան:
Միականի
քարտուղարը
կ՚ընկերանար
անոր:
Ածուներ:
Կոխկռտուած
բանջարեղէն:
Հազարաւոր
հետքեր:
Մենացած
թուփեր:
Ամբողջ
ու
մանրամասն
անցուց
աչքէ
ինչ
որ
գտաւ
ինկած
գետին,
փայտի
կտոր,
կաշիի
կարկտան,
թուղթի
կտո
ր,
լաթ
ու
կայծքար,
որոնք
խնամքով
զետեղեց
քարտուղարը
իր
պայուսակին
մէջ,
ամէն
առարկայի
համար
գլուխը
նշանացի
օրելով,
-
հիացման
ցուցու՜մ:
Աղաները
արգիլուած
էին
այս
հետազօտութեան
մասնակցելէ:
Արդարութիւնը
կը
խորշի
բազմութենէն,
թուրք
դատարանները
մտնելէ
առաջ:
Պարտէզը
կտրեցին
դէպի
արեւելք:
Հողը
կը
յանգէր
ձորակի
զառիթափին:
Ծառերը`
անխնամ:
Հարիւրապետը
չէր
գիտեր
վախը
հաճի
Աննային,
որ
իր
հարսը
կ՚արգիլէր
ատ
տեղուանքը
երկարելէ:
Տարիներ
առաջ,
փորը
դեռ
չուռեցած`
հաճի
Աննան
ինք
կը
յօտէր
ու
կը
ջրէր
ատ
մարզին
տունկերը…:
Զառիթ
ափը
բաւական
սուր
էջքով
մը,
քսան-երեսուն
քայլ
հեռաւորութիւնով
մը
կ՚երթար
յանգելու
խստադէմ
ու
անթափանց
պատուարի
մը,
զոր
ջրային
բոյսերը,
մորմը,
դժնեկը
ու
փշուտ
սալորները
կը
հիւսէին:
Զառիթափէն
քանի
մը
քայլ
վար
հետքերը
նուազեցան:
Կը
ճշդուէին
մէկ-երկուքը,
համանման,
իրարմէ
չորսական
քայլ
բացօք:
Խոշորացոյցը
անցաւ
կրկին
իր
պաշտօնին:
Հետքերուն
բացուածքը
կը
մատնէր
որոշակի
քայլերը,
որոնք
հողին
դրոշմած
էին
զիրենք
վարող
կշռոյթը:
Ա՛ն`
որ
վեր,
դէպի
պարտէզը
կ՚երթար
նեղ
ու
մանր
կը
բանար
քայլին
կարկինը:
Ա՛ն`
որ
վար,
դէպի
ցանկապ
ատը
կը
դիմէր,
խելայեղ,
խոշոր,
հաստատ
ու
խոր
բան
մըն
էր,
փախուստին
որոշ
կնիքովը:
Հարիւրապետը
կը
տեսնէ՞ր,
թէ
թերթօններուն
մէջ
իր
կարդացածները
կ՚երեւակայէր
գետինին
վրայ:
Շաղը,
շատ
աննշան,
չէր
յաջողած
խոնաւացնել
ու
փշրել
նոր
տրորուած
փոքր
գուղձերը
քայլերու
փոսիկներուն
մէջ:
Առին
հետքերուն
ուղղութիւնը:
Ցանկապատ:
Ամբողջութեամբ
փուշ:
Որ
կ՚եզերէր
պարտէզին
ամբողջ
արեւելքը
ու
ապահով
էր
աւելի
քան
խորասանէ
պատը:
Անոր
միւս
կողմը,
երկու
մեթր
ցած,
դասական
առուակը,
գեղին
կոյաջուրը:
Չէր
կարելի
տեսնել
զայն:
Բայց
անդիմադրելի
հոտ
մը
թուք
բերաւ
հարիւրապետին
լեզուին:
Քայլե՞րը:
Կը
հատնէին
փուշերուն
մէջ:
Հանեց
մէջքէն
դաշոյնը:
Ու
մտրակ
ու
դանակ
անոր
ծառայեցին`
քննելու
համար
ցանկապատին
մարմինը:
Հաստատելի
էին
հետքեր:
Կոտրած`
ճիւղեր,
չոր
ալ,
կանանչ
ալ,
որոնք
հրուածքին
ուղղութիւնը
կը
փաստէին:
Վերէն
եկած
քայլերուն
դէմօք
անոնք
դէպի
դուրս,
առուակը
հակող:
Միւսին`
հակառակը:
Ճմլուած
տերեւներ,
առանց
փրթելու:
Մարդու
մը
իրանին
տալու
չափ
ընդարձակ
շրջագիծով
մը
բացուածք:
Տարօրինակ
էր,
որ
ցանկին
ուղղակի
մարմինին
մէջէն
կ՚անցնէր
այդ
ծուռումուռ
կլորութիւնը:
Վերէն
իջնող
քայլերը
հոդկէ
ցատկած
էին
ձորակ:
Նայեցաւ
իր
մոյկերուն:
Կաշեպատ
ոտք
մը,
երկաթ
յատակով,
հազիւ
կարող
ըլլար
պիտի
նման
թափանցումի
մը:
Վեր
ու
վար:
Կեցաւ
միւս
քայլին
հետքին:
Շատ
աւելի
պարզ,
յստակ,
մուտքի
բացուածքը:
Կոտրեր
էր
վայրի
թթենիի
մը
իրանը
ու
բացեր
փուշին
աստառը:
Մտնողը
զգուշութեամբ
պատռած
էր
այդ
վարագոյրը,
երկաթի
նման
գործիքով
մը
դիզած
խռիւները
աջին
ու
ձախին,
անվնաս
դարձնելու
համար
անոնց
ասեղները:
Մտնող
ու
ելլող
մարմինին
կնիքը
այնքան
թարմ
էր
զոյգ
ծակերուն
վրայ,
որ
անիկա
շնորհաւորեց
ինքզինքը:
Տեսնել
կարծեց
նոյնիսկ
կարգ
մը
փուշերու
սայրին
սեւցած
արիւն:
Բայց
չկրցաւ
երեւակայել
մարդը,
որ
մերկ
ոտքերով
պիտի
յանդգնէր
անցնիլ
այդ
փուշերէն:
Պայծառ`
ամէն
բան:
Կրակողը
մտեր
էր
ատկէ
ու
ելեր
միւսէն:
Ինչո՞ւ
ոչ
նոյն
ծակէն:
Խորհեցաւ`
բայց
չհասաւ
զսպանակին:
Հարկաւ
պիտի
գիտնար
պատճառը,
երբ
ձեռք
ձգուէր
ասպատակը:
Կրակը
տրուած
էր
դուրսէն:
Բայց
մինա՞կ:
Ո՞ւր`
ասոնց
ընկերները:
Ո՞ւր`
յեղափոխական
խումբը:
Չարչարեց
միտքը:
Քիչ
յետոյ
ծիծաղեցաւ
իր
վրայ:
Այնքան
յիմա՞ր
այդ
սատանայ
մարդիկը,
որ
բզկտէին
իրենց
մարմինը
սա
փուշերու
ժանիքէն:
Յիշեց
քուէն,
ֆետայիին
առասպելը:
Որո՛ւ
որ
իյնար
թուղթը,
այդ
մէկը
կ՚ընէր
հրամանը
քոմիթէին,
իր
անձին
գնովը:
Ու
տեսաւ
միտքէն
երկու
յեղափոխականները,
որոնք
գազային
բանտին
մէջ
աքցանի
էր
առեր
ժամերով,
գաղտնիք
կորզելու
բարբարոս
ճիգին
մէջ
ու
վրիպա՜ծ:
Այս
խենթերը
հայերուն
մէջ
միայն
կարելի
էին:
Անիկա
շատ
աշխատեցաւ,
սա
զառիթափին,
հաստատել
ուրիշ
ալ
հետքեր:
Հաստ
ու
կիրքերով
ապրող
մարդ`
անիկա
ենթարկուած
էր
իր
փափաքին,
որ
կը
պղտորէր
աչքին
տուածները
ու
իր
իսկ
քայլերը
կը
շփոթէր
կրակողին
հետքին
հետ:
Ձորակին
վրայ
բաղդատաբար
դիւրին
անցք
փնտռեց
անիկա,
աչքով
տեսնելու
համար
ինչ
որ
իր
միտքը
կ՚ըսէր
իրեն:
Կարելի
չեղաւ
ատիկա:
Ատ
փուշերը
ձողիկ-ձողիկ
կը
բերէին
տասը
համազգեստ:
Տեսակ
մը
հիացախառն
հայհոյութիւն
փրթաւ
անոր
բերանէն
անծանօթ
հերոսին
հասցէին:
Իշխող
ցեղի
իր
ուղեղը
դժուար
կը
մօտենար
զոհողութեան
սա
չափին:
Թուրքերը
կը
սիրեն,
խենթի
պէս,
իրենց
հայրենիքը:
Կը
զոհեն
իրենց
անձը`
առանց
աչք
թարթելու:
Բայց
կը
պահանջեն
ատոր
համար
հրապարակ,
ու
արձակ
պայմաններ:
Գուցէ
դեռ
չեն
ճաշակած
գերութեան
հակահարուածը
ու
ատով
կարելի
անհուն
հերոսութիւնները
նուաճուած
ժողովուրդներու
ծոցը:
Օտար
վայրերու
մէջ
թուրքը
անկշիռ
ու
ժանեթափ
ծեր
գայլին
կը
նմանի:
Հարիւրապետը
ունեցաւ,
այդ
ուղղութեամբ,
կարծիքի
փոխանակութիւն:
Ի՞նչ
քոմիթէ
էր
ասիկա,
որ
կրնար
մարդերը
մղել
այս
անկարելիութիւնները
գործադրելու:
Ողջ
մնացա՞ծ,
ա՛ն`
ո
ր
երկու
հեղ
իր
միսերը
անցուցած
էր
սա
սանտրէն:
Քարտուղարը,
եղէգը
անցուցած
փաթթոցին,
մէկ
աչքով
կը
հետեւէր
հարիւրապետին
փաստերուն,
կը
կշռէր
զանոնք,
իբր
թէ
աչք
ըլլար
տեւողութեան
նժարէն
ծանրադիր
պնակ
մը,
եւ
իրաւունք
կու
տար
պէյ
էֆէնտիին,
իր
զարմանքն
ալ
աւելցն
ելով
աստիճանաւորին
հիացումին:
-Անոնք
ասանկ
են,
պէյ
էֆէնտի:
Քարտուղարը
կեավուր
բառն
ալ
շատ
կը
տեսնէր
հայերուն,
այնքան
դառնութիւն
կը
զգար
իր
մէջը
հանդէպ
այդ
ցեղին:
Դարձաւ
ետ,
հաճ,
գրեթէ
զուարթ:
Հարիւրապետը
իր
պեխերը
կ՚ոլորէր
դէմքին
կէսը
ծածկելու
համար
աղաներուն
զննող
հայեացքէն:
Շատախօսին
մէկը
խօսք
բացաւ
սանդուխին
տակ
գտնուած
կոշիկի
զոյգէ
մը:
-Ո՞ւր
է:
Ըսած
էր
վախով
ու
յանկարծահաս:
-Մէկը
հագաւ:
Մեծ
լրջութեամբ,
չըսելու
համար`
բացառիկ
կարեւորութեամբ
հանուեցան
անոնք
աղքատիկ
տղուն
ոտքէն,
որ
ուրախութեամբ
կը
չափէր
պար
տէ
զը,
հրդեհէն
գոհ
հոգիով:
Կը
հետեւէր
ծանր,
քրտնցնող,
ըստ
երեւոյթին
անիմաստ
հարցաքննութիւն
մը,
որ
գեղացիները
ձգեց
ափ
ի
բերան,
իր
վախճանովը`
քանի
որ
հագնողը
բանտ
առաջնորդեց:
-Գլխընուս
գալիք
կայ,
-
մտածեց
տէրտէրը
ու
շոյեց
մօրուքը:
-Փա՜ռք
քեզ,
Տէր…
Գրաբար
մա
ղթ
անքը
անցա՞ւ
անուշադիր:
Կօշիկներուն
գիւտը
ըրած
էր
աւելի
խիստ
արդարութեան
պաշտօնատարը:
Մարդիկ,
մա՛նաւանդ
թարմ
երիտասարդները,
որոնց
տեսքը
միայն
կը
զայրագնէր
թուրքերը,
սանկ
ծածկեցին
իրենց
երեսները:
Է՜,
ինչ
կ՚ըլլայ,
ինչ
չ՚ըլլար:
Թուրքերուն
երկիրը
այդ
օրերուն
տարբեր
չէր
Ափրիկէէն:
Հարիւրապետը
հայհոյեց
գզիրին:
Ու
հաստ
անոր
լեզուին
մէջ
ցեղը
կը
կնքէր
իր
ստեղծումին
կնիքը:
Յանցա՞նքը:
-
Պարապ
կը
դառնար,
Սողոմենց
տղան
կանչելու
գացած
ըլլալով:
Նալպանտենց
ծառան
առտուն
կանուխ
դաշտ
էր
իջեր
աշխատանքի,
ինչպէս
կը
հաւաստէր
մայ
րը:
Գզիրը
կը
կրէր
սաստը,
վասնզի
խելք
չէր
ունեցած
բակը
մտնելու
եւ
ստուգելու
մօրը
պատմումը:
«Փայտ»
էր
անոր
«գլուխ»ը,
ինչպէս
յարդ`
պարունակութիւնը:
Աղաները
լուռ
կը
հետեւէին
ծերացած
գզիրին,
որ
երեսուն
տարիէ
ի
վեր
ծառայած
էր
գեղին,
ելած
պէյի,
փաշայի
մինչեւ,
ու
հսկայ
իր
պեխերը
մկրատած
էր
քիչ
մը,
Ջարդերէն
ասդին:
Ամէն
պաշտօնեայ,
նոյնիսկ
բորոտ
ժանտարմա
մը,
կը
սպառնար
անպատճառ
այդ
հզօր
պեխերուն:
Չորս-հինգ
տարի
առաջ
թուրքերը
մարդավարի
կը
մտնէին
այդ
գեղը:
Հիմա,
սա
նախատինքները:
Անշո՛ւ
շտ
որ
օրերը
փոխուեր
էին:
Հայհոյեց
ու
հայհոյեց:
Երկու
ոստիկան,
չորս
պահակ
պաշտօն
ստացան,
այդ
րոպէին
իսկ
«վազելու»
Սողոմենց
տունը,
խուզարկելու
զայն
ախոռէն
մինչեւ
ձեղնայարկը:
Ոստիկանութիւնը
մարդերը
միշտ
պիտի
ենթադրէ
իրենց
յիմարութեան
ամենապարզ
ու
տարրական
աստիճանին.
ու
վստահ
ըլլալով,
որ
սպան
նող
մը
չի
կրնար
իր
տունը
հանգիստ
քունի
գացած
ըլլալ,
պիտի
խուզարկէ`
միշտ
խորհելով
այդ
յիմարութեան:
Պաշտօն
առնողներէն
մէկը,
տասնապետ,
կանչուեցաւ
քովնտի
ու
կիսախուփ
շեշտով
մը
ընդունեց
խուզարկութեան
ընդհանուր
հրահանգները:
-Կասկածելի
ամէն
առարկայ,
դանակէն
սկսեալ
մինչեւ
լուցկիին
տուփը,
ամէնէն
շատ
թուղթ,
ճերմակ
կամ
սեւ,
կազմելու
էին
առաջին
հունձքը:
Բայց
բնական
էր,
որ
ամէնէն
առաջ
պարպուէր
տունը
բնակիչներէն:
Պահակները
պիտի
բռնէին
դուռը,
տան
ետեւը,
դէմի
տունին
մօտեցող
պատուհանները,
մա՛նաւանդ`
տանիքը:
Չմոռնալ
ուշադիր
հողը
կոխոտելը,
մա՛նաւանդ`
անոր
փորուած
ըլլալուն
ընծայել
մեծ
կարեւորութիւն:
Պոմպաները
բակերուն
ու
ախոռներուն
մէջ
կը
թաղուին:
Չմոռնալ
յարդանոցը
մեծ
շիշերով
ծակծկել:
Հայաստանի
կողմերը
քանինե՜ր
ողջ-ողջ
շամփուրուած
էին
աչալուրջ
խուզարկուներու
խելքով,
այդպէս
մարագներուն
մէջը:
Չմոռնալ
ելլել
սանդուխով
կատոզներուն
վրան,
բանալ
անոնց
խսիր
ծածկոյթները,
լոյսով
փնտռել
գլուխը,
որ
երբեմն
ջուրի
երեսին
ձգուած
դդումի
կը
նմանի
ու
կը
խաբէ
անփորձները:
Թուրքերը
տարիներով
պատմեցին
ջարդի
ատեն
իրենց
հոգին
փրկելու
համար
հայերուն
գործադրած
հնարքները,
իրենց
տուներու
ծակուծուկերուն:
Այս
մանրամասնութիւնը
կու
գար
գինիի
տակառ
մը
ապաստանած
ճաղատ
մարդուկի
մը
դրուագէն:
Հանած
էին
զայն
ու
տարած
դրանը
սեմին,
վիզին
փոսիկը
տեղաւորելով
փայտին
ու
դնելով
հարիւր
օխանոց
քար
մը
պարապ
մնացած
գլուխին
վրայ…:
Չմոռնալ
պատիհոններուն,
պահարաններուն
հնչականութիւնը
ստուգել
ու
դատել
մաուզէրներու
բունովը:
Այս
ու
տակաւին
նման
հրահանգները,
ընթացիկ
ու
ծանօթ,
տրուեցան
արագ,
դասատուի
շեշտով
մը:
Շաբաթը
հեղ
մը
անիկա
առիթ
կ՚ունենար
այս
դասը
կարդալու
իր
ստորադասներուն:
Ան
ոնց
հեռացումէն
ետքը,
անիկա
բարձրաձայն
ազդարարեց
ոստիկաններու
ուրիշ
խումբի
մը,
չորս
գեղացիի
հետ,
իջնել
աշխատանքի
վայրը,
ու
գեղ
բերել
Սողոմենց
տղան:
Անիկա
կու
տար
«գրկաչափ»
ազատութիւն
ոստիկաններուն,
ընդդիմութեան
մը
առջեւ,
գործածելու
յարմար
խստութիւններ
ու
«նեղուելու
ատեն»,
շղթայի
զարնել
ստամբակին
այդ
ձագուկը,
որուն
աղիքները
դեռ
չէին
պարպուած
«թագաւորին
հացէն»
բանտային
օր-հացէն:
Անիկա
կ՚ըսէր
այս
ամէնը
տպաւորիչ
ստուգութեամբ
մը:
Շրջապատին
մէջ
ստեղծուեցաւ
անձկալից
հոգեբանութիւն:
Անշուշտ
Սողոմենց
տղան
դեռ
անծանօթ
էր
իբր
ընդդիմադիր:
Բայց
անոր
նշանածին
կողմէն`
երկու
կրակի
պէս
երիտասարդներ,
հակառակ
բռնապետութեան
խիստ
պատիժներուն,
թուրք
գեղին
հետ
կռուի
էին
շարունակ
ու
փայտի
կ՚երթային
հայերէն
գրաւուած
անտառին
մէջ,
իրենց
ջորիներէն
կախած
իրենց
մարթինները:
Անոնք
փախցուցած
էին
թուրքերը`
ինչպէս
ալպանացի
անտառապահները:
Հարիւրապետը
գիտէր
այդ
դրուագները:
Հիմա՞:
-Ուշագի
դաշտն
են,
-
փսփսաց
աղա
մը,
մտածելով
անոնց
բացակայութեանը:
Ուշագի
դաշտին
մէջ
այդ
տղաքը
ունէին
իրենց
գեղերը,
ուր
կը
տանէին
արգիլուած
բերքը
ծխախոտին,
հազարումէկ
փորձա
նք
ներով
ու
կը
պաշտպանուէին
թուրք
գեղացիներէն:
Նոյն
ատեն
բոլորին
մէջ
մարմին
եղաւ
Սողոմենց
տղան:
Ո՜ւր
էր:
Ինչո՞ւ
չէին
խորհած
անոր:
Հարիւրապետին
այս
յստակ
հրամանները
ապահովիչ
էին
աղաներուն
ու
ժողովուրդին
համար:
Գոնէ
որոշ
հասցէ
կար
մէջտեղը:
Ու
քոմիթէի
փորձանքը
կը
մնար
լերան
ետին:
Կը
խաբուէին:
Արագ
այս
կարգադրութիւններէն
ետքը,
անիկա
ուղղեց
իր
ջոկատին
ստուար
մասը
դէպի
Սարեկենց
թաղը:
Պիտի
ճեղքէին
գեղին
մեծ
փողոցը,
ճիշդ
մէջտեղէն:
Ի՜նչ
ծանրութիւն,
խուլ
ծեքծեքում`
ձիերու
այս
հոսումին
մէջ,
հայ
գեղերու
սալարկներէն:
Կէս
դ
ար
առաջ
այս
արշաւները
պետութեան
ահն
ու
ուժը
կը
պատմէին,
ոչ
սա
թուրք,
ամբարտաւան
ու
անօրէն
արհամարհանքը,
զոր
թուրքերը
գտան
անկէ
ասդին:
Կէս
դար
առաջ
այդ
ձիաւորները
մեծ
մասով
հայ,
կ՚ելլէին
լեռ,
յուղկահարները
որսալու
ու
թելին
չէին
դպեր
իսլամին
ու
չիսլամին:
Հիմա՞:
96ի
ջարդերէն
ետքը,
այդ
հանդէսները
ամէնէն
դաժան
հարուածը
կու
տային
մեր
կործանած
յոյսերուն:
Ու,
ամբոխը
վարժուած
սա
ելոյթներուն,
կը
քաշուէր
ներս,
իր
դուռներուն
ետին,
խորտակուած
ու
եղկելի,
աւաղելով
օրերը,
բաւական
մօտ,
որոնց
մէջ
արգիլուած
էր
թուրքերուն
անցն
իլ
այդ
փողոցներէն,
հեծեալ,
առանց
հայ
առաջնորդի:
Զինուորները
հաստատուեցան
տունին
մօտերը.
հեռուն
ալ,
պատուհաններուն
դէմօք,
աչքի
տակ
առնելու
համար
մուտն
ու
ելքը:
Ասպատակային
պաշարումը
յիշեցնող
այս
պայմաննե՜րը,
արդիւնք`
տեսական
մարզանքի,
Ջարդերէն
ետք
նկարագիր
դարձան
ամէն
ցոյցի:
Տեղի
ու
անտեղի`
անոնք
կը
կատարւէին
թաքուն
սարսափ
մը
վառ
ձգելու
համար
կեավուրին
ներսը:
Մնաց
որ,
քոմիթաճիները
հեքիաթ
չէին:
Այրիին
տունէն,
երբ
հարկահանը
պղինձ
դոյլ
մը
հանել
ուզէր
տուրքի
համար
վաճառելու,
կ՚ընէր
այդ
ցոյցը:
Ջարդին
յաջորդ
տարին
թուրքերը
դատական
զեկուցագիրներն
անգամ
դասակ
մը
զօրքով
կ՚ուղարկէին
հայ
գեղերը:
Իր
սպայակոյտով,
ելաւ
անիկա
վեր:
Առաջին
գործը
պիտի
ըլլար
սաստել
ու
վռնտել
Աղուորին
սենեակէն
դրացիները,
որոնք
անէծքով
ու
մրմռալէն
դժուար
լքեցին
մանկամարդ
հարսը,
յորդորուած
քահանայէ
ն:
Սարեկենց
հարսները,
չոր
ու
կաշի,
գունտոտ
իրենց
այտերուն
վրայ
ամօթին
կարմիրը,
մնացին
անշարժ:
Զանոնք
կը
շրջապատէին
տղաքը,
չորս,
հինգ,
վեց,
ամէն
մէկը
մէյ-մէկ
կէտէ
ամրօրէն
բռնած
իրենց
մամաները,
որոնք
վախցած
ու
շուար,
անպատասխան
թողուցին
հարիւրապետին
պռստուն
հարցումները,
հաւանաբար
պետական
լեզուին
անծանօթ
ըլլալնուն:
Աւագերէց
Օհանը,
զոր
հարիւրապետը
յարգալից
շեշտով
մը
միշտ
պաշ
փափազ
էֆէնտի
կ՚որակէր,
համով
անոր
պատմումէն
նուաճուած,
ինչպէս
նաեւ
հոգեւորականներու
հանդէպ
համիտեան
արդուզարդին
իր
պարտքին
համար,
միջամտեց
ու
բացատրեց
հարսներուն
կապը
նուաղ
հիւանդին
հետ.
-Շատ
աղէկ,
պաշ
փափազ
էֆէնտի,
շատ
աղէկ:
Հանած
էր
ոսկեդրուագ
իր
ծխատուփը:
Աղաները,
ամէնը
մէկ,
իրենց
ձեռքերը
վազցուցին
իրենց
գօտիներուն.
-Չ՚ըլլա՛ր,
պէյ
էֆէնտի,
ամօթ
է
մեզի:
Կը
կրկնէին
իրարու
հետ
ու
կ՚երկարէին
ա
նո
ր
իրենց
մեծկակ
ամանները,
որոնց
մէջ
ոսկեգոյն
խոտը,
մաքսանենգուած,
կը
ժպտէր
«մարդոց
երեսին»,
այնքան
բաց
ու
տաք
էր
գոյնը
անօրէն
խոտին,
ու
հո՜տը`
զգլխիչ:
Չորուկ
ու
աւազուտ
հողամասի
մը
վրայ
միայն
աճող
ու
հարուստներուն
վայլող
այդ
խոտին
համբաւը
զինաթափ
կ՚ընէր
նո
յնիսկ
ռէժիին
տնօրէնները:
Աղաները,
խրատուած
բանտին
նոր
փորձառութենէն
(դեռ
կը
պակսէր
գիւղապետը,
որ
իջեր
էր
Պրուսա,
անկէց
գուցէ
Պոլիս,
ձուկերուն
կեր
ըլլալու
հեռանկար
սարսափ
մը
կտակելով
գեղին)
ընդ
առաջ
էին
փութացած
հարիւրապետին,
որ
տաճկի
խորամանկութեամբ
մը,
հր
աւ
էրի
ձեւին
տակ,
կը
պահէր
զանոնք
իր
ուժերուն
մօտ:
Առաւ
ծխատուփերը,
պարպեց
անոնց
պարունակութիւնը
հետեւորդ
քարտուղարի
պայուսակին,
պատիւ
ըրած
ըլլալու
յայտ
հաճութեամբ
մը
ու
սպասեց,
պատուհանէն
վար
ծռելով:
Ուշացո՞ղը:
-
Բժիշկն
էր:
Ամէն
դէպքի
(ու
դէպքը
լրագիրներու
ն
անցած,
խորհրդաւոր
բառ
մըն
էր
այդ
օրերուն,
զանգուածային
սպանութիւններ
թելադրող)
անխուսափելի
էր
այդ
ցաւագար
բժիշկը,
ծուռումուռ,
եօթանասունէն
շատոնց
անց,
որ,
հակառակ
օրէնքին`
կը
վարէր
իր
թաղապետական
բժիշկի
անպաշտօն
պաշտօնը,
բացառաբար
շրջանային
քննութեանց
համար:
Անշուշտ,
անդին,
գազային
մէջ,
անիկա
ունենալու
էր
քսանամենի
վարդի
պէս
կնիկ,
որուն
դարպասը
պիտի
ընէր
յիսնապետը,
հարիւրապետին
բացակայութեան
ու
պիտի
ընէր
թաթարի
ձեւով,
այսինքն`
կոշտ
ու
ձախաւեր:
Տասնհինգ-քսան
տարի,
հայ
գեղերու
մէջ
սպանութիւնները
ամէնօրեայ
էին,
կէս
մ
ը
ներսէն,
գինիի
սեղաններէն,
կէս
մը
դուրսէն,
գաղտ
միջոցներով:
Յեղափոխութեան
հետ
աճող
այս
կտրուկ
ու
սպաննող
բնազդը
թերեւս
խուլ
անդրադարձն
էր
դարաւոր
թմբիրին:
Թուրքերը
գոհ
էին
անկէ:
Ուղղակի`
երիտասարդներուն
պակսելովը:
Անուղղակի`
կրծօնի
գործին
անոնց
ընծայած
նոր
ու
ընդարձակ
զարկովը:
Յօդացաւոտ,
պէս-պէս
ախտերով
ջարդուած
թիրիթ
այդ
բժիշկը,
ծուխէն
դեղնած
իր
պեխերը
կը
տրորէր
մատներովը`
կաշիացած
իր
ականջին
վերնակամարները
ամրօրէն
տեղաւորած
լայն
ֆէսին
տակ,
հոտած
իր
բերանը
անարժան
կը
կարծէր
աղօթքը,
առանց
անհաւատէն
կրծօնի
մը,
որդնոտ
իր
լինտերը
մեղրոտելու:
Անխախտ
սկզբունք
էր
ասիկա:
Օրը
հարամ
էր
անոր,
եթէ
փետուր
մը
գոնէ
չըլլար
կեավուրին
հաւէն:
Գլուխն
էր
անիկա
իր
գործին,
մէկ
գեղէն
միւսը,
երբեմն,
«հունձքի
առատութեան
պատճառով»,
շաբաթ
իսկ
հեռու
մնալով
կնիկէն,
որ
կը
դիմաւորէր
զինք
ը
պուպրիկի
պէս
զարդարուն
ու
կը
պատմէր
կարօ՜տը
իր
պէյճիկ
ին:
Անիկա
կը
տոկար
զրկանքին,
ծառայելու
համար
հայրենիքին:
Մասնագիտութիւն
ունէր
վէրքերը
չափելու,
մահը
պատճառող
գնդակին
տրամագիծէն
զէնքին
տեսակը
ստուգելու,
կապարը
ընելով
միշտ
կլոր,
գեղացիներուն
որսի
հրացանները
պատասխանատու
բռնելով
անյայտ
հարուածներու
ու
չտեսնելով
մաուզէրներուն
մանր
մուտքերը
միսին
մէջ,
անոնց
ելքին
ափի
չափ
լայն
վէրքերը:
Իսկ
գեղին
մէջ
պատահած
մահերու
համար,
գիշերով,
սուինէ
կամ
կեռ,
պարսկական
դաշոյններէ,
որով
զինուած
էին
ոչ-պաշտօնապէս
ոստիկանն
երը,
անիկա
հեղինակ
կու
տար
հացի
գուլ
դանակները,
փայտի
տապարները,
կամ
պրաունինկ
ատրճանակները,
երբ
ամէն
մարդ
ծանօթ
էր
պետական
զէնքերուն,
որոնցմով
կը
գործուէր
ոճիրը:
Բայց
այդ
մասնագիտութենէն
վեր,
անիկա
ծանօթ
էր
մա՛նաւանդ
իր
մէկ
օրէնքովը,
որ
բանտի
ու
տուգանքով
կը
սպառնար
գեղացիին,
երբ
յանկարծահաս,
առանց
չորս
վկայի
ներկայութեան
պատահած
մահը
ծածկէին
կառավարութենէն:
Շաբաթէ
շաբաթ
աւագերէցը
պարտաւոր
էր,
մահերու
ցուցակները,
գեղին
բժիշկէն
վաւերացուած
տեղեկագրով
մը
կեդրոն
ուղարկելու:
Ու
վա՜յ
ծերունիին,
որ
ժամուն
բակը
չթխլէր,
ութ-տասը
աչքերու
առջեւ
ու
հոգին
փչելու
համար
գիշերը
ընտրէր,
առանց
հիւանդ
պառկելու
գոնէ
շաբաթ
մը:
Քաշելիք
ունէր
անոր
գանկը,
յիշատակը
իր
թոռներէն
կամ
տղոցմէն:
Անոր
թաղումը
ուշանար
պիտի,
երբեմն
քանի
մը
օրով,
ամրան
տաքերուն
տունը
լեցնելով
իր
գարշահոտութեամբը,
մինչեւ
որ
հերթը
գար
իրեն,
բժիշկին
կողմէ,
միշտ
յօդացաւոտ,
որ
զբաղած
կ՚ըլլար
ուրիշ
շրջաններ:
Ինչե՜ր
հնարած
էր
նենգ
աւազակը:
Թոյն,
ապակիի
փոշի,
ածուխի
հոտ,
խղդել,
փորին
նստիլ,
ո՛րը
որ
կ՚ուզէք:
Քանի՜-քանի՜
մեռելներ
անիկա
հանել
է
տուած
ու
հաստատած
այս
կամ
այն
պատճառը:
Հարկա՛ւ:
Մարդիկ,
տուժելով-տուժելով,
վարժուած
էին
ու
ատանկ
յանկարծակի
մահերու
ատեն,
մեռելը
թաղելու
հոգէն
վեր
ուրիշ
մտատանջութեամբ
մը
մաղաղկուն:
Անոնք
իյնային
պիտի
ասդին
ու
անդին,
ճարէին,
ճարճրկէին,
կով
ու
ձի
ծախէին,
նոյնիսկ
ձիթաստան
կամ
հարիւ
րին
հարիւր
տոկոս
վճարելու
երեւան
բերէին
անհրաժեշտ
գումարը:
Բժիշկը
պիտի
մնար
ետ
միւս
պաշտօնեաներէն
սակարկելու
համար
հաստատ
երեսով,
կաշառքին
քանակը,
գեղին
մէջ
իր
արարածներուն
խողովակէն:
Անիկա
ամրան
շողին
իսկ
ձեռքը
չէր
զատեր
փալթոյին
գրպանէն,
զայն
ծոցուորելով
շրջւած
ու
մէջէն
բաց
բռունցքովը:
Անիկա
միշտ
պիտի
առնէր
մէճիտ
ու
մատովի
շօշափումով
ստուգելէ
յետոյ
թիւը
դրամներուն,
պիտի
իջեցնէր
յօնքերուն
խստութիւնը:
Այս
ամէնը`
դեռ
մեռելի
քով
չհասած:
Այս
ամէնը
հրապարակային,
փողոցին
մէջ
քալած
պահուն,
ոտքերը
դժուար
շարժելէն
ու
կէս
կորացած
կռնակը
թօթուելէն:
Բժիշկը
պիտի
ուզէր
նաեւ,
ատկէ
զատ,
ճաշագին,
ձիագին,
օրավարձ:
Ասոնք
անառարկելի
էին
ու
աւելի
հզօր,
քան
պետական
տուրքը,
որ
գոնէ
սպասել
գիտէր
մինչեւ
բերք:
Բժիշկէն
առաջ,
միշտ,
բայց
հարիւրապետէն
ետք,
ուրիշ
պաշտօնեայ
մը,
աս
ալ
անպաշտօն:
Անիկա,
գազաներու
մէջ
ստուերը
կը
պտըտցնէ
ան
միւսին,
որ
մեծ
քաղաքներու
մէջ
տաղանդաւոր
աւազակ
մըն
է
ինկած-ելած,
մեծ
ձեռնարկներու
սիրահար,
ուտող,
վայլող
ու
խորապէս
ապականած
ո՛չ
անշուշտ
չունեցած
իր
բարոյականէն,
այլ
մա՛նաւանդ
իր
ծեծուած,
ախտագար
ու
անդարման
ջիղերէն:
Չեմ
իջներ
անոր
ծնունդին,
որ
միշտ
որբութիւն
է,
անկէ
կնիկութիւն`
պետական
պաշտօնեաներու,
անկէ`
սրիկայութիւն
ու
քարտուղարութիւն.
դիւաններու
ու
շրջուն
վաճառումներու:
Ու
գողութիւն:
Ու
փախուստ:
Ու
բոզանոցներու
մէջ
պատսպարում,
մինչեւ
որ
իր
ախտերը
զինքը
հոտեցնեն
ու
նետեն
դուրս:
Պիտի
փոխէ
քաղաքը,
պիտի
ապաստանի
գազաները,
ուր
անիկա
անկարող
շատախօս
մըն
է,
խորապէս
հագած
իր
լրբութիւնը
ու
հպարտ
ալ
անով:
Խայտառակ
ու
գարշ,
զուրկ
մարդ
արարածին
տարրական
խիպէն`
անիկա
եկող
ու
գացող
պաշտօնեաներուն
հասցէներ
պիտի
բերէ
աղուոր
կիներէ,
պիտի
հայթայթէ
մանչ
ու
պոռնիկ,
խմիչք
ու
կաշառք
ու
պիտի
հանէ
իր
մուրացիկ
ապրուստը,
արհամարհուած
ու
թքնուած:
Երբ
յոգնին
իրմէ,
կը
հանեն
շրջան:
Այսինքն`
կ՚ընկերացնեն
քէշֆ
եր
ուն:
Հետազօտիչ,
հարցաքննող`
ան
պիտի
հսկէ
արձանագրութեանց
ու
պիտի
արձանագրէ
մեծերուն
հարցումները,
միշտ
տաղանդով,
առանց
նեղելու
պատասխանատու
պաշտօնեային
նանրամիտ
հպարտանքը
ու
պիտի
վճարուի
մեռելին
սնտուկէն:
Անիկա,
բռնապետութեան
սաստկացումովը,
հետզհետէ
անձնաւորութեան
մը
պիտի
վերածուի,
մինչեւ
պէյութիւն
ու,
ո՜վ
գիտէ`
անկէ
ալ
անդին,
եթէ
ձեռքէն
փորձանք
մը
ելլէ,
այսինքն`
կռիւի
մը
մէջ
փախչելու
ատեն
մէկը
զարնէ
ետին
դառնալով
ու
սուրալով
միշտ
դէպի
առաջ:
Սպայակոյտին
ամէնէն
շահեկան
անձը,
ան
միւսը,
մէկ
աչքէն
նահատակ
մոլլան,
ահաւոր,
սառած
իր
մորթովը,
նոր
դարձած
պատերազմէ,
առնուազն
Արաբիստանէն,
ու
դեղնա
ւո
ւն,
նկարակերտ
իր
փաթթոցը
կրելով
անլուր
լրջութեամբ:
Որ
քուրդի
իր
վրիպած
դէմքին
վրայ
իր
աչքը
տրամադրեր
էր
հայրենիքին,
անվճար
ծառայող
ու
նուիրուած
առաքեալ:
Հաճի,
կազի,
հաւատքին
հզօր
հուրքէն
հալած,
կաշի
միայն
մնացած`
անիկա
պատուակալ
քարտուղարն
էր
քննիչ
այս
մարմինին,
միայն
հայերու
գեղը:
Իր
զպունը
զայն
կը
թաթխէր
յաւիտենական
ուսանող
սոֆթա
ներուն
անմոռանալի
տիպարին
մէջ,
որոնք
ծերացած
կը
ձգեն
ուսման
խսիրները
ու
մեռնելու
կ՚ելլեն
մուրալ
սկսելով:
Անոր
մեծագոյն
զբաղումն
էր
խմբագրել
փառաւոր
տեղեկագիրներ,
դիւանական
ոճին
բոլոր
զէնուզարդովը
ու
փքուն
բառակոյտովը:
Ու
անոր
չորցած
հոգին
կը
զովանար
կեավուրներուն
դիակին
առջեւ,
ինկած
այդպէս
եղբայրադաւ
դանակէն
կամ
քմահաճ
գնդակէն
ալպանին
ու
թուրքին:
Կը
կենար
երկար,
աչքը
գիծ
ըրած
արիւնը,
որ
սեւ
մուրի
նման
կ՚աղտոտէր
մարմինը
զոհին
ու
կը
թուէր
աղօթել,
քանի
որ
Տէր
ողորմեա
ն
կը
թափէր
հատիկները
կախարդ
կապին
մէջէն:
Այնքան
խոր
էր
անոր
ատելութիւնը
հանդէպ
քրիստոնեային,
որ
անոր
ողջին
երեսը
չէր
կրնար
նայիլ:
Ոստիկաններ,
ժանտարմա,
պահակներ:
Բոլորը`
առատ
քոմիթաճիներուն
պատահարին
ատենէն:
Խուլ,
պարզ
ու
թեթեւ,
ուրախութիւնը
սա
մարդոց,
երբ
անցան
գործի:
Կրօնա
կա
ն
ըսուելու
չափ
պիրկ
ու
երկիւղած
էին
դէմքերը:
Անսալով
իրենց
նախորդ
փորձառութիւններուն,
առանց
հրամանի
սպասելու`
ոստիկանները
հանեցին
իրենց
անկիւններէն
հարսներուն
սնտուկները,
ասոնց
վրայէն
շրջելով
անկողիններուն
շարքերը
դէպի
գետին,
լիրբ
խնդուքով
մը
լուսաւորելո
վ
իրենց
քիթերուն
յոյզը,
ու
տարին
հիւանդին
սենեակը:
Ատոնք
հոս
ալ,
ինչպէս
ուրիշ
տեղ,
ծառայելու
էին
իբր
սեղան
թուղթերուն,
կաղամարին,
սիկարի
պնակներուն,
քանի
որ
քարտուղարը
հաւատարիմ
իր
մէտրէսէ
ին
աւանդութիւններուն,
գետինը,
մէկը
ծունկին
վրայ
կը
տեղաւորէր
ափը,
մէջը
թուղթը
ու
կը
խմբագրէր
իր
տէնշէթ
տեղեկագիրները:
Ըլլա՛յ
դուրսը`
լերան
մէջ
կամ
բլուրի
ոտքին,
ըլլա՛յ
ներսը`
գեղի
մեծ
սօսեւոր
սրճարանին
մէջ,
խմբակը
պիտի
խորանարդէր
իր
շուրջպարը,
ատանկ
սեղաններու
շուրջը,
յարգելով
տեսարանումին,
դերասանումին
բոլոր
օրէնքները:
Ա
տի
կա
փառաւոր
ցոյց
մըն
էր,
թուրք
տիրապետութիւնը
մարմնացնող
խոնարհագոյն
խաւերու
խղճմտանքին,
իրենց
ահը
մշտաւորելու
անվնաս
ու
ձրի
եղանակ:
Եթէ
քաղաքներու
մէջ
թթուած
դէմքը,
կէս
կանգուն
տրամագիծ
ներկայող
փաթթոցը,
գռուզ
մօրուքը
ու
մոնկոլեան
այտոսկրները
կը
կազմեն
ա
նջինջ
պատկեր
մը
թուրք
բարբարոսութենէն,
գեղերու
մէջ
ոստիկանական
զինանշանէ
պաշտպանուած
ասանկ
խմբակ
մը,
նոյնիսկ
ամէնէն
մարդավարի
հարիւրապետին
մտրակին
տակ,
կը
տարածէ
իրմէ
դուրս
բան
մը,
հոսում
մը,
որ
անուն
չունի,
այնքա՛ն
մարդ
ատոնք
տեսանելով
կը
հրուի
իր
գերութեան
հզօր
գերեզմանին:
Բազմոցին
երկարած
կինը,
պարպուած
իր
բոլոր
արիւնէն,
դիտողները
կը
տպաւորէր
մեռելի
մը
պէս:
Ու
այդ
տժգունութեան
մէջ
տգեղ
էր
անիկա:
Յղութեան
արդիւնք
սովորական
լխկո՞ւմը,
թէ
վախը
այդ
միսերը
կ՚ընէին
անհամ
ու
վանող:
Անպաշտօն
պաշտօնեան,
դէմքի
անդի
մա
դրելի
ծռմռուքով
մը
թուրքերուն
ճաշակները
հաղորդեց
իրարու:
Ու
աչքը
բաւեց
անոնց,
որպէսզի
դատապարտէին
կեավուրին
ստամո՜քսը:
Կինը
անոնց
մեծ
մասին
համար
փորի
հարց
է:
Վայելքի
գործի՜ք:
Մշտական
պատերազմը
այնպէս
մը
դասաւորած
է
թուրքերուն
ընտանեկան
կեանքը,
որ
պետութ
եան
ծառայող
խոնարհագոյն
արարածը
հաւնի
ու
հաւնի,
ընտրէ
ու
քիթին
չդնէ
վարդի
պէս
գողտր
ու
թարմ
աղջիկները:
Թրքուհին
ամէնէն
առատ
ապրանքն
է
երկրին:
Արու
տարրին
հնձումը
աճեցուցած
է
բանակը
էգերուն:
Ես
տեսայ
բեռնակիրներ,
կաղեր
ու
սապատողներ,
որոնք
իշխանուհիի
նրբութեամբ
աղջիկները
կը
կրէին
իրենց
խշտիները
ու
երկու
տարին
հեղ
մը
կը
նորոգէին:
Ո՜ւր
մնաց
պաշտօնեան:
Ասոնք
իրենց
ախօռներուն
իսկ
անարժան
կը
նկատեն
գեղացի
կինը:
Հասկնալի
է,
որ
տարիքը
անկշիռ
տարր
ըլլայ
կիներու
պազարին
մէջ:
Ու
եղ
կապած
վաստակաւոր
պաշտօնեաներ
զանազան
անուններով
զոյգ-զոյգ
կապեն
աղջիկները
իրենց
անկողիններուն:
Քովի
սենեակին
մէջ
հարիւրապետը
գրեթէ
բանտարկած
էր,
առանց
զգալի
ընելու,
գեղին
աղաները:
Սիրուն
ու
յամառօրէն
այցելող
գաղափարը`
զանոնք
կրկին
շղթայակապ
գաղտ
քշելու:
Հիմա`
որ
Նալպանտենց
հարսին
պատկերը
գարշանք
ազդելու
չափ
խանգարեր
էր
իր
տրամադրութիւնը,
անիկա
կը
ծանրանար
Սողոմին,
լեռներու
մէջ
հաւանօրէն
գոյ
քոմիթաճիներուն:
Սերմ
կամ
արի՛ւն,
թուրքը
այս
երկու
բեւեռներուն
անդարման
կալանաւորն
է
եղած:
Բժիշկը
հրահանգ
ստացաւ
գործադրելու
գիտութեան
միջոցները`
ամէն
գնով
ո
ւշ
քի
բերելու
նուաղած
հարսը:
Գրպանէն
հանեց
փոքր
շիշ
մը,
որուն
խցանը
բանալ
տուաւ
քարտուղարին:
Իր
քիթը,
շատ
զգայուն,
չէր
հանդուրժեր
ատոր:
Սենեակին
մէջ
ծաւալեցաւ
եթերի
շատ
ուժգին
հոտ,
որ
հարիւրապետին
անզգած
ռունգերն
անգամ
բաբախումի
հանեց:
Բժիշկը
զայն
մօտեցուց
Աղուորին
քիթին,
նոյն
ատեն
շատախօս
քննիչին
թելադրելով
քանի
մը
ցնցումներ,
հարսին
ոտքի
ու
ձեռքի
մատներէն:
Թէ՛
հոտը,
թէ՛
շարժումները
անցան
անօգուտ:
-Ալլա՜հ-Ալլա՜հ…
Բժիշկն
էր,
զարմացած
գիտութեան
սա
վրիպանքէն:
Հիմա՞:
Ջղայնացած
ու
աճապարոտ:
Պառկած
այդ
կնիկէն
իր
գ
արշագին
փախուստը
նետեր
էր
հարիւրապետը
իր
հոմանիին
վարդաբոյր
երկարումին,
ադլաս
իր
վերմակին
պորտին
վրայ
բանալով
թանկ
իր
մերկութիւնը,
դողդոջ
ու
առոյգ,
մանր`
բայց
տարօրէն
պիրկ:
Փողոցի
դռնակին
եղաւ
մեծ
աղմուկ,
հարիւրապետը
ետ
բերելու
չափ
հեշտագին
տեսիլքէն:
Հան
եց
իր
գլուխը
դուրս
պատուհանէն:
Երկու
պառաւներ
էին`
ձեռքերնին
թեւի
մեծութեամբ
բանալի
մը:
Գործիքին
արտակարգ
մեծութիւնը,
պառաւներուն
իրարանցումը,
քովի
սենեակէն
աղաներուն
հարցուփորձը
իրարու
խառնուեցան:
-Ժամուն
բալլիքն
է:
Տէր
Օհանը
միջամտեր
էր:
-Ինչո՞ւ
-Սովորու
թի
ւն
կայ…
Ու
քանի
մը
բառով
հասկցուց
գործիքին
զօրութիւնը:
Հարիւրապետին
մտրակը
արտօնեց
պառաւներուն
ելքը:
Դողալով,
քիթերնէն
ջուր
կաթելէն
-
անոնք
հեւասպառ
ըրած
էին
այդ
վազքը
ժամէն
դէպի
Սարեկենց
տունը
-,
պառաւները
մօտեցան
նուաղուն
հարսին:
Անոնց
դէմքէն
ու
բերն
էն
անծանօթ
մկաններ
շարժումի
էին
ելած:
Կ՚աղօթէի՞ն,
թէ
կախարդական
հին
բանաձեւ
մը
լռելեայն
կը
յուշէին
իրենց
խղճմտանքին:
Արդարութեան
ասպետները,
զարմանահար,
կը
հետեւէին
սա
տեսարանին:
Նոյնիսկ
մէկ
իր
աչքը,
հսկայ
շնորհով
մը,
մոլլան
կը
դնէր
այդ
շարժումներու
գիծին:
Ա՛ն`
որ
բանալին
ունէր
ձեռքը,
ծնրադրեց,
խաչակնքեց
ու
խորունկ
հաւատքով
բացագանչեց.
-Յանուն
Հօր
եւ
Որդւոյ…
Նոյն
ատեն
իր
ձեռքը
բզկտած
էր
բանալիին
սուր
բերնովը
շրթներուն
գիծը
Նալպանտենց
հարսին,
տարտղնած
ատամներուն
պարիսպը,
մխուած
ներս,
լեզուին
փիտէն
հանած
իր
տե
ղէն:
Միւս
պառաւը
զոյգ
ձեռքերուն
զոյգ
ցուցամատերը
կես
ըրած
կը
քաշէր
Աղուորին
շրթնակապերը:
Ցա՞ւը,
արի՞ւնը,
իսկապէս
հրա՞շքը,
թէ
ուրիշ
բան,
սառած
այդ
բերանէն
ստեղծեցին
կենդանի
աւաչ.
-Ա՜ա՜ա՜…
-
Սիւպեան
Ալլա՜հ,
սիւպհան
Ալլա՜հ…
Մոլլան
էր`
ընդոստ
ու
սարսափած:
Թողուցին,
որ
վազէ
արիւնը:
Ու
քիչիկ-քիչիկ,
ձա՜յնը,
սկիզբները
փերթ-փերթ,
ճճի-ճճի,
հետզհետէ
թանձրացաւ:
Դեռ
բառ
չէր
կազմեր
անիկա:
Բոլորին
ալ
հետաքրքրութիւնը
հասեր
էր
ծայրագոյն
աստիճանի:
-Ի՞նչ
բանալի
է
ասիկա:
-Ժամուն:
-Ո՞ր
դուռին:
-Յայտնի
չէ:
Տէրտէրը
պատմեց
ա
ւա
նդութիւնը,
դրուագները:
Յանկարծահաս
պապանձումներ
տեղի
կու
տային
այդ
հրաշազօր
գործիքին
առջեւ
որուն
համբաւը
ծանօթ
էր
շուրջի
բոլոր
գեղերուն:
Քանի՜-քանի՜
թուրքեր,
գիշերանց
զարնուած
քընց
մեզ
աղէկներէ,
բերուած
էին
պատգարակով
ժամ
ու
իրենց
լեզուն`
ինչպէս
ոտքերը
վ
երստին
գտած,
դարձեր
իրենց
տեղը…
-Ալլա՜հ-Ալլա՜հ…
-Մարիկ,
մամայի՜կ…
Սուր,
սարսափախառն,
մարմինը
փուշ-փուշ
ընող
ճիչ
մըն
էր
ասիկա
Նալպանտենց
հարսէն:
անդիմադրելի,
մնայուն,
որ
զայն
նետեց
իր
հիւանդութեան
անդրագոյն
ձեւին,
երբ
ձեռքերն
ու
ոտքերը
իբր
կամուրջի
մը
չ
որս
սիւները
զարկած
գետինին,
կը
տնկէր
փորը,
կիսակամար,
մէջքին
տակէն
գետ
մը
անցնելու
չափ
բարձրացած,
ախտին
սլաքներէն:
-Մարի՜կ,
մամայի՜կ…
…
Բայց
բզկտո՛ղ:
Հարիւրապետը
ելաւ
դուրս:
Անոր
կը
հետեւէին
ընկերները:
Տէրտէրը,
պառաւներուն
թախանձանքովը,
անցաւ
հիւանդի
ն
գլուխը
ու
կիսաձայն
կարդաց
բժշկութեան
Աւետարան
մը,
որուն
մէջ
Յիսուս
կը
սաստէր
դեւերուն
լեգէոնը:
Կէս
ժամ
ետքը
լուրը
բերանն
էր
գեղին:
-Սողոմենց
տղան
կրակած
էր
Նալպանտենց
տունը,
մորթելէ
յետոյ
հաճի
Աննան:
Անծանօթ
կը
մնար
Սերոբին
մահը,
քանի
որ
նուաղած
հարսը
ո
չի
նչ
գիտէր
անկէ: