Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Եղէք սա ցերեկը կանխող գիշերին մէջ, անոր կէսէն ետքը:

Սեպտեմբերի վերջերուն, գեղը քանի մը շաբաթ կ՚ընկղմի տենդոտ աշխատանքի մէջ: Կթուած այգիներէն քաղցր զուարթութիւն մը կը փոխադրուի դէպի տուները: Ամէն ընտանիք քիչ ու շատ ունի Նոյի տուն կէ ն: Շիրա՜: Ամէն թաղ իր օճախները, թիւով քանի մը հատ` այնպէս մը կը հաստատէ դռնառաջներուն, որ տուները հերթով ու դիւրաւ կարենան յաղթել բազմապահանջ աշխատանքները խաղողէն սերած:

Այդ օճախները փողոցին վրայ կը շինուին ու յատուկ են այդ երկու շաբաթուան համար, որմէ յե տո յ անոնք ձգուին պիտի մանուկներու կրունկին կամ ուրագին: Մինչեւ լուս (հասկնալի է, որ քանի մը տան պէտքերը գոհացնելու համար ցերեկ ու գիշերը վայրկեան մը չհանգչի օճախը) ոտքեր չեն պակսիր սալայատակէն: Բեռ-բեռ` խաղողը, խոնաւ ու անուշ բան մը քսելով օդին, պատերուն, կիներու երեսին ու մանուկներուն: Գործի` մեծն ու պզտիկը: Դպրոցները փակ: Կ՚ամայանան, տառապէս, թաղերը, շրջապատ պարտէզները, մրգաստաններ գրեթէ, որոնք գեղին բոլոր երկայնքովը անընդմէջ, հոծ կանանչ մը կը հանգուցեն տանիքներու կարմիրին կամ պատերուն գորշութեան: Նուռի եւ խնձորի, ընկոյզի եւ շագանակի գողութեանց իսկ աչք գոցելով, ատոնց պահակ ծերերը, բացօթեայ պառկելէն ախորժ զգացող տղաքը, թէկուզ անդամալոյծ պառաւները ու կէս մասով հողին հասած կոյրերը ինքնակոչ պահակներ են, մեծկակ հնոցի կուշտին: Ամէն տարիք իր ձեւովը կը դիմաւորէ աշ նան քաղցրագոյն պահը: Տղաքը կը խորվեն շագանակ, աղի ձուկ ու դդում: Ծերերը կը դարձնեն բաղարջ, երկանքի քարին չափ խոշոր (ձեռքով շարժող տեսակէն): Պառաւները իրենց չտաքցող կռնակը հեռուէն կը լարեն հնոցի լայն երախին ու կ՚օրհնեն հարսները` ինչպէս այգիները: Ու բոլորը տոլ- տոլ 1 կը պարպեն իրենց փորին ջուրը Նոյի տունկին, երգելով հին օրերու դրուագներ, սիրային կամ ասպատակային, երբեմն օճախէ օճախ կը մղեն կռիւ, անշուշտ բառի, սրամտութեամբ, զուարթ կատակով եւ փառք կու տան Երկնաւորին, որ հեղ մըն ալ իրենց ոսկորները արժանի ըրաւ թաթխուելու, ոռոգուելու նոյեան հեղուկէն: Ու եղն ու մեղրը, թուզն ու ընկոյզը, խնձորն ու նուռը: Ու ամէնուն վրայ` բո՜յրը խաղողին, որ այդ բոլորը կը խառնէ իրարու եւ մինակը կը բաւէ յաճախ, փոխադրելու համար մարդոց հոգիներուն անորակելի հա՜մը, անծանօթ ոգին, իսկութիւնը: Ա՛ն` որ կը յառնէ հողէն հազար երանգով ու հազար ձեւով կը թափանցէ, մարդոց միսերուն մէջ վառելով ինչ որ թերեւս առեղծուածն է մեր տիեզերքին: Որ սիրտերը կը կամարէ սիրտերուն, ու ճամբայ կը գծէ արեան հեղեղէն ու բոցին բաշէն…

Սողոմենց Սողոմը մօտեցաւ Նալպանտենց պարտէզին:

Մեր գեղերը, ով գիտէ ի՜նչ ահոտ փորձառութեանց գնով կը վախնան արձակութենէն: Անոնք իրենց տուները կը քշեն իրարու քիթին, իրարմէ ապաստան մուրողի խուլ բնազդով մը: Գեղերը կ՚աճին, իբր կառոյց, երբեք` իբր կանանչ: Թաղամիջեայ պարտէզները, ատենին գեղէն դուրս, կը ջնջուին շ ատ արագ, հետզհետէ վերածուելով մեծ կառոյցներու: Աղբրտանցը շատութիւնը պատճառ է այս մեծղի շէնքերուն: Նալպանտենց աւանդութիւնը չէ ազդուած այս պահանջներէն: Անիկա անխախտ պահած է ընդարձակութիւնը հողին, որուն սահմանները, կրակէն ետքը, առաջին անգամ հաստատեց հաճի Արթինին տղան, ամրախարիսխ ու պատով: Անէծք մը կը սպառնար աշխարհին չարիքը այն ձեռքերուն, որոնք, սրբապղծութիւնը ընէին պիտի այդ պատերէն բան պակսեցնելու կամ անոնցմով շրջափակ գետնէն ուրիշ անունի հող վաճառելու:

Առանձին թաղ մը, ատ պարտէզը, բացառիկ` գեղացիին ախորժակին հա մա ր, որ կանանչը կը ձգտի փոխարինել կարմիրով: Անոր արեւելան սահմանը կը յանգէր ձորակը, խեղճ կոյաջուրով միայն ապրող: Գեղին մեծ թաղամասերը նման փոսերով կը բաժնուին իրարմէ: Ձմեռը հեղեղ մը կ՚ոլորակի այդ նեղկուկ անցքերն ի վար: Ամառը` մժեղն ու որդերը կը խժան հոն: Ձ որէն անդին պարտէզներ, թթաստան` մէջընդմէջ ձիթենիներով կամ տանձենիներով մռայլացած:

Պարտէզը, հիւսիս ու հարաւէն, հաճի Սերոբին պատերովը: Արեւելքէն` անթափանցելի փուշեր, մորմենի, փշատ, սեւ դժնիկ: Սպառազէն այս բոյսերը, կոյաջուրէն ուռճացած, կը յօրինէին բնական պատուա ր մը: Ջուրին խոր ու գարշ կոյտերը այդ կողմէն թափանցումը արդէն անհնար պիտի ընէին տարիքը առած ամէն աւազակի: Պարտէզի գողութիւնները գործն են փոքրերու: Անոնց մերկ սրունքներուն ու խարխուլ զգեստներուն համար կը բաւեն ու կ՚աւելնան հողէն բարձրացած բնական այդ ցանկերը: Արեւմուտքէն` տունը:

Երկար վարանումէ յետոյ` Սողոմը ընդունեց ձորակէն անցքը: Քաղցուի աշխատանքները պարտէզին միւս պատերուն մինչեւ կ՚արձակէին բոցի աղօտ պայծառութիւններ, բաւող` ստուերները գունաւորելու: Անցաւ անիկա ձորը: Եզրին` պատւարը: Ծանօթ` անոր հիւսուածքին, քա նի որ անձրեւոտ օդերուն հաճի Աննային հետ ինքն էր յօտողը թաւուտներու այդ գիծին, անիկա դիւրութեամբ գտաւ փոքր թթենին, որ չես գիտեր ինչպէ՜ս մխուեր էր այդ բոյսերուն ասեղներէն ներս, հրեր քովնտի կճան ճիւղերը կամ հաշտութեան ձեւ մը ճարեր ու ամրացեր` պարարտ, խոնաւ գետինին: Այդ գիծով անմրցելի է առատութիւնը եւ խռուացումը սա փուշերուն: Թող չհսկէ մշակը ու անոնց ոստերը կը գրաւեն պարտէզները մէկ-երկու տարիէն: Չարքաշ ու որկրամոլ` անոնք ի զուր չէ, որ ընտրած են այդ գարշալից կիրճերը, ուր խոնաւութիւն ու ջերմութիւն լայնօրէն կը տ րամադրուին իրենց մազէ ակռաներուն:

Ծռեց թթենիին բունը: Բացուածքը` բաւակա՛ն, անոր անցք մը շնորհելու: Մէկ-երկու ակռայ թեւին ու ճակտին, աներես ճիւղերէ: Խնայած էր զգեստներուն:

Կակո՛ւղ, իր ոտքերուն տակ բուն պարտէզը, որ բացաւ անոր մէջ տարօրէն քաղցր, տրտում զգայո ւթ իւն մը, ըսես հա՜մը կնոջ մը միսին: Գետինը, այդ կէտին, կը պահէր խոնաւ բուսականութիւն ու մանրաճճի խոտերու անուշիկ թաւիշ մը: Ինչո՞ւ այդ կակուղութիւնը անիկա չնմանցուց բամպակի կամ բուրդի, որոնք աւելի յաճախադէպ ըլլալու էին իր զգայութեանցը սարւածին վրայ: Կնիկի հ ա՜մ: Հարկա՛ւ: Մեր զգայարանքները անհաւատարիմ կ՚ըլլան մեզի, երբ մեր ներսը գերակշիռ կիրք մը կը գահակալէ ու կը ծառայեն անոր աստղին տակ: Սողոմին այնպէս եկաւ, որ հողէն զատ ծառերուն ալ մէջը կը պտըտէր շունչը Նալպանտենց Աղուորին:

Պզտիկ թափով մը հողը կ ը գտնէր ինքզինքը ու կը վերածուէր դիւր տարածութեան մը, որուն ամէն մէկ թիզը շահագործուած էր աչալուրջ հաճի Աննայէն, մշտապէս խոտերուն ու տունկերուն հետ, երբ չըլլար փողոց: Ծառեր, խնամուած ջոկումներով:

Տղուն աջին պա՛տը, ցածուկ, քանի որ պարտէզի, անբաւական աչքէ առ նելու, երկարող փողոցիկը, որուն խորքէն օճախները ատեն-ատեն մութը կը լզէին փոփոխ բոցով մը, երբեմն ջինջ, ոսկեգոյն ու ախեխի պէս թափանցիկ ընելով հասուն թուզերը, երբեմն ճայրոտ` լալկան, մռայլ բանի մը մէջթաթ խելով ճիւղերն ու տերեւները: Այս լուսարձակումները, պատահ ական, փայլակի պէս տպաւորեցին զիրենք հաշուի չառած երիտասարդը: Թաղուեցաւ բանջարեղէններուն խիտ գիծին ետին: Պարտաւոր էր կծկտած անցնելու այդ մասը, ուր ծառերը ցանցառ կը կենային: Այդ դիրքով` անիկա աչքի տակ կը պահէր փողոցիկը, ուր ծուխէն սեւաւոր լապտերներ, հազիւ կը յաջողէին, երբ մութը տիրէր, քիչ մը դեղնութիւն դողացնել ու, մշուշէ բռնուած փարոսի աչքերուն նման` կը հեւային մուրոտ իրենց բանտերէն: Ու այդ խատուտիկ փայլին ներքեւ, ձեւերը մարդոց, այլափոխ, անկարելի, ցնորատիպ, մերթ շառացած` ինչպէս դէմքերը Դատաստանի պատկերէն, որոնք զուգահիւս սատաններու բերնէն կրակի ժայթք մը ստիպուած են հանդուրժելու, մերթ բզիկ-բզիկ քայքայուած, երբ հովի մը գաւազանէն քմայոտ այդ լոյսերը - օճախները - ծփային աջ ու ձախ: Ինչո՞ւ Սողոմը այսքան յստակ կը տեսնէր բաներ, որոնց մէջն էր մեծցեր, առանց տեսնելու:

Քա լե ց: Հասկցէք` սողաց: Գեղամէջը` ինչպէս տունի մը պատին հատնող պարտէզները մութէն կ՚ազդուին տարբեր խտութեամբ, բայց ոչ համեմատելի ձեւով այն սեւին, որ գերեզմանը կը փաթթէ: Լոյսը, որքան ալ պզտիկ, շեղ կամ հեռու, այդ մարզերուն` բան մը կը փոխէ խաւարին նեարդներէն: Մնա ց որ, հողը ընտանի պառկուածք մը ունէր անոր ոտքերուն, որպէսզի իր ծրագրին մէջ կարծրացած տղան, ճեղքուէր կամքէն: Երկու տարուան աշխատանքը վարժեցուցած էր զայն օգտուելու շուքի ու սեւի բոլոր ցայտքերէն, մինչեւ պատին տակը հասնելու համար: Անիկա վախը չունեցաւ մէկէ մը ն շմարուելու, վասնզի Սերոբին ազդեցութիւնը պարտէզը եզերող տուներէն փակած էր լուսամուտները: Չէր վախնար Նալպանտենց մարդերէն, որոնք անուշները կ՚եփեն ամէնէն առաջ, կը ծափեն 2 ու կը գոցեն առջի գիշերուընէ տան բոլոր ծակեղէնները, եռանիգ ապահովութեամբ:

Հոգածու ու ամենահ աս պառաւը իր զաւկըներուն, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` իր աղջիկներուն պէս կը խնամէր իր ծառերը: Ձեզի պատմած եմ խռովքն ու գեղեցկութիւնը այդ պարտէզին նուռերուն: Ձեզի կ՚աւելցնեմ քաղցրութիւնը անոր թուզերուն, համով ու դեղնութեամբը անցած առակի, փոխաբերելով համն ու մեղրածոր հեշտութիւնը Նալպանտենց հարսներուն: Փրցուց անօթի տղան կակուղ այդ պարկը: Մատներուն մէջ անիկա զգաց ստինքները Նալպանտենց Աղուորին: Ու անոր լինտերուն վրայ փշրուեցաւ անուշահոտ իգութիւնը պտուղին, աղջիկի մը միսին նման:

Հակառակ առաջացած տարիքին, պառաւը իր ձ եռքովը կը ջրէր հեռանկեալ տունկերը, իր ձեռքով ալ յանձնուած հողին երբ ընձիւղ էին դեռ, չվստահելով անոնց ոռոգումը օտարին աղջկան, այսինքն` հարսին, որ տարիներով հաւատարիմ կը մնայ մէրանցը տունին ու խուլ անոր աւանդութիւններուն, ըլլալով քիչ հոգածու էրկանը տունին, մինչեւ որ տարիները բարդուին, զաւակները բազմանան ու էրկանը տունին հոգին լուծէ, խառնէ իր մէջ, դուրսէն կրուած հարսնական ոգին: Ամէն կեսուր ուրիշ կեցուածք չունի այս հարցին դէմ: Լման պարտէզին մէջ ոտք մը հող պարապ չէին գտներ, ոչ ալ քանի մը ձող երկինք, առանց կանանչի:

Կար ատեն մը, որ տան ետեւի այս պարտէզները, շատ դիւրաւ աղբուած, յորդ իրենց բուսականութեամբը հպարտութիւնը կը կազմէին գերդաստաններուն, պատմելով կորովը, աշխատանքի մէջ ջլապինդ ուժը տունին հարսներուն: Հետզհետէ, ժամանակներու փոխուելովը, երեւան եկան ծանրագոյն ա նպատեհութիւններ: Իմ օրերուս, վտանգ կար, հոծ ծառերու այդ անընդմէջ գիծին ետեւը: Ճարտար գողեր, անոնց տերեւուտքէն պաշտպանւած, կը հասնէին աննշմար մինչեւ լուսամուտները եւ, թափանցելով աներկաթ այդ ծակերէն` կը կողոպտէին մեծաւորը, որ մահուան գնով պարտաւոր էր լռելո ւ, թէ՛ գողերուն ներկայութեան, թէ՛ անոնց անհետացումէն ետքն ալ: Նալպանտենց տունը զերծ էր լուսամուտին վտանգէն: Ու ծառերը ձգուած էին իրենց ախորժակներուն: Աննշմար` անցաւ Սողոմը դասական արիշէն: Փայտեայ նստարանը զինքը հրաւիրեց, բայց անիկա հասած էր տան ետեւի դուռը, որ պարտէզը յարաբերութեան կը դնէր ծառաներու բաժինին, ու անով` մայր բակին հետ:

Դուռը, հանուած վեց մատ հաստութեամբ տախտակէ, մեծգլուխ գամերով, ըսես զրահուած, պատէ մը աւելի ապահովութիւն կ՚արտայայտէր: Գողերը խելք ունին նման ամրութիւններ չափելու ատեն: Աւելի՛ն. Սո ղոմը ծանօթ ալ էր դրան ետեւի կղպանք-գերանին, որ անոր կռնակը կը կենար ներսէն: Եօթը գոմէշ պիտի չկրնային խորտակել այդ նախնական կղպանքը: Այս բոլորը, երկրորդ անգամ ըլլալով կը մտածէր անիկա, երբ գերեզմանէն բաժնուելէ յետոյ, գեղեզրի մէկ պարտէզին մէջ, կծկտած` բայց շատ արի, մտովի կառուցած էր նախնական ճարտարապետութիւն մը ոճիրէն: Յիմարութիւն էր անկէ շահ ակնկալել: -Բերդի դու՜ռ, - ինչպէս կ՚որակուէր անիկա, սրամիտ հեգնութեամբ: Ու բառերը մարդոց ներքին ակնարկը կը տանէին Նալպանտենց գանձին, մշտապէս կանգուն ժողովուրդի երեւակայութեան վրայ, փտած ոսկիներով ու տոպրակ-տոպրակ, դերերէն սեւցած արծաթներով: Ինչպէս նաեւ սակաւ մարմին այրերուն դէմ հարուստ ու միսէ լողուն հարսներուն: Կռնակը տուաւ դուռին ու կեցաւ: Այն ատեն տեսաւ, որ իր ծրագիրը մեծ էր իր միջոցներէն ու այս փոքրութեան ճանաչումը աւելի սեղմեց անոր վրիժաբորբ սիրտը: Ուղիղ յիմարութիւն էր, դրան քովիկէն, կանգուն մը հաստ քարհիւս այդ պատը ծակել փորձել, ինչպէս կ՚ընէին յաճախ ասպատակները, բայց նիհար պատերու վրայ:

Այս առաջին լուծումը ճամբու դրուեցաւ մեծ պաղարիւնով: Քիչ-քիչ անիկա կը լքուէր իր զա յր ոյթէն, վասնզի չէր բաւեր մտքէն դանակ խաղցնել, պորտէն կռնակը հանել դաշոյնին քիթը: Քիչ էր մինչեւ պարտէզ զինքը քշող վճռականութեան ալ դերը ասկէ վերջին վրայ: Ինչո՞ւ չէր խորհած ներս թափանցումի կերպին: Ինչի՞ էր խորհած արդէն լրջօրէն: Ամչցաւ մտքին ուրուացող յոյսի մօտ բանէն, որով անիկա ճամբայ էր ինկեր: Բայց հո՞ս գալէն ետքն էր յիշելու պառաւին միւս վարժութիւնները: Ժամուն դուռը օր մը պատահաբար կրնար ձգուիլ բաց, բայց Նալպանտենց դուռը` երբեք: Հաճի Աննան դեռ հարսնութենէն կազմակերպեր էր դուռներն ու պատուհանները, գեղ մը մար դոց ծանօթ կերպերով: Բոլորն ալ իրենց ներսէն ունէին ապահովութեան նիգ, երկու կողմով ալ: Նալպանտենց հաճի Արթինին գանձը կ՚արժէր այս զգուշութիւնները: Բոլորը պառկելէ առաջ, հանճի Աննան, աղօթքին ու խաչին մէջտեղը, ձեռքէ ու աչքէ անցընէր պիտի ու պիտի կղպէր փականքները: Ու ասիկա այսպէս, անվթար, անոր այրիութեան օրերուն: Ու անվթար` մինչեւ սա թլխած մսակոյտը, որուն մասին պատրանք չունին պառաւները, բայց նուազ հոգածու չեն ըլլար:

Պարտէզին հայող պատը կոյր կողմը կ՚ըլլայ տուներուն, որոնց փողոցադիր երեսը կը գրաւեն բնակութեան սենեակն եր ը: Լուացարան, գեղացին կ՚ըսէ լուացուածք, պէտքարան, օճախին ծխնելոյզը կը յարդարուին կոյր այդ պատին մէջ կամ վրան, մշտական վտանգ մը կազմելով, իրենց խոցելի կէտերէն, պարտէզի երեսին: Իրա՛ւ է, թէ ոչ մէկ պատուհան, այդ կողմին, մասով` վտանգին դէմ իբր կանխահոգութիւն, մասով` խնայողութիւն: Տո՛ւնը, այսինքն` զայն կառուցանելը գեղին մէջ պսակն է կեանքին, ու վկայ մը` տէրերուն ընդունակութեանց: Չկայ հարուստ մը, որ աւարտէ զայն մէկ շունչով, ո՛չ թէ չունենալուն, այլ` հպատակելով թաքուն ձայներու, որոնք անոր խելքը` ինչպէս քսակը կը վարեն իրենց օրէնքներով, այս անգամ` խոր, ու մութ ալքերէն իրենց սլաքը առնող: Միւս կողմէ` գեղացին տնտեսութիւնն է, զրկանքն է, նոյնիսկ ոսկիով իր կաշին փաթթելու չափ եղոտելէ ետքը: Իր մարմինը անխնայ հարստահարող մարդը հասկնալի է, որ զրկէ նաեւ այդ մարմինին մ իւս սպաս(աւոր)ները: Այս պատմութենէն բաւական առաջ, երբ կրակի գին էր ապակին, պատուհանը հարստութեան զինանշան մը կը մնար: Իմ օրերուս դեռ կը տեւէին նմոյշները այդ ճարտարապետութեան: Տանիքին վրայ ծակ մը, մաղի մեծութեամբ, միակ ճամբան էր լոյսին:

Միակտուր այդ պատին դ էմ Սողոմենց տղան մնաց երազուն: Գողութեան նպատակով շէնք-շնորհք պաշտպանուած տունէ մը ներս մտնելու միջոցները սահմանափակ են ու նման իրարու, - ամէնէն արագն ու պարզը` ոտքի հարուածով, մեղմ, քանի մը աղիւս խախտել, երկաթ ձողով փրցնել պատէն ու գոյացած բացուածքէն խոյանալ ներս, իյնալ պուկին տանուտէրին ու պահանջել սնտուկին բանալին: Ուրիշ չէ կերպը նաեւ կնիկի գողութիւններուն, որ կը գործադրուի ողորահիւս խրճիթ-բնակարաններու վրայ, որոնցմէ ներս աղուորիկ հարսնուկ մը կը ներկայանայ ցանկութեան առարկայ: Բայց հարուստները իրենց պատերը կը հիւսեն իրենց փորին ու քսակին չափովը: Առաջին, այսինքն` գետնայարկի պատերը, քարուկիր, առնուազն կանգունով հաստ, չեն ազդուիր գողերուն աքացիէն ու երկաթ քիւլիւնկներէն: Վերնայարկերու արտաքին կմախքը հաստատուն է դարձեալ, տեղի չտալու չափ միջակ ճիգերու: Մնաց որ, փլչելու ատեն իրենց առաջացուցած աղմուկը - տախտակամածին վրայ աղիւսը մեծաղաղակ կը պոռայ - քունէն ընդոստ կը հանէ դիակի պէս պառկողներն անգամ: Ասկէ զատ, նոր փորձառութիւններ աղիւսներուն երեսը կը հիւսեն տախտակ ձողիկներու զրահով մը, որ կը կոտրի, բայց չի բացուիր, ու փուշ ցանկի մը պէս կը մխուի գողին միսերուն: Երկար ատեն թիթեղագործի մը կտրիչը, ծայրին ադամանդ, ապահով բանալի մըն էր ապակիները կտրելու դուրսէն ու փակոցները քակելու, մինչեւ որ դրամը խելացի ըրաւ ինքզինքը ու բոլոր պատուհաններու քառանկիւնները հիւսեց հաստ-հաստ երկաթով, անկարելի ըսուելու չափ դժուարացնելով այդ ճամբան ալ: Պատուհաններու այս կերպով ամրացումը գողերը նետեց տանիքներու օդամուտներուն շահագործումին, բայց վտանգը, այդ ճամբէն, շատ աւելի անմիջական էր: Հոն մագլցելու ատեն, եղած են տղաք, որ իրենց ծանրութեան տակ կոտրո ղ սանդուխներէն ինկած են գետին ու տեղն ու տեղը թոռմած: Ծայրայեղ պարագային միայն մարդ պիտի վստահէր իր հոգին խարդախ այդ փայտերուն: Բարձրահասակ ծառեր էին մեր ձիթենիները ու պտուղին քաղը մեծաքանակ սանդուխներ կը հարկադրէր ամէն տունի: Շինուած են ասոնք թեթեւ, առաձիգ սիւներէ: Տասնհինգ տարեկան տղան, առանց մեծ ճիգի, պարզ վարժութեան մը գնով, քսան կանգուննոց այդ սանդուխները զարկած ուսին, ուղղահայեաց դիրքով մը կը փոխադրէ մէկ ծառէն միւսը: Ամէն գեղացի, երկրորդ յարկի փողոցադիր իր քիւին տակ ութ-տասը հատ կ՚երկարէ անոնցմէ, մոյթ երով յօրինուած եռանկիւններն ի վար, բերքին քաղէն յետոյ: Հարուստները, որոնց բակերը չեն գրաւուած կատոզներով, ընդհանրապէս իրենց լայնանիստ շտեմարաններուն մէջ կը զետեղեն զանոնք` ձիթապտուղի մեծ տակառներուն վերեւէն: Նալպանտենց բակը, որ շտեմարան ալ է նոյն ատեն, սանդուխները նետած է դուրս, մեծ պարտէզը: Ասոնք կոպղաւոր շղթաներու մէջ պառկին պիտի, եղանակէ եղանակ աձակուելու համար իրենց կապանքէն: Փորձանաւոր այդ շղթան անշուշտ գիւտն է հաճի Աննային ու կ՚ընկրկէ անվարժները: Ոճիրը իր սկիզբին մէջ կակղամորթ է բոլորովին ու կը հպատակի ներսէն աւելի դուրսին: Ատկէ ազատ բաւական պաղարիւն է հարկաւոր տանիքին հասնողները գտնելու ատեն: Միայն տունին քաջավարժ մէկը կամ Սողոմին պէս վարձուոր մը պիտի կրնային դիմադրել այդ փոքր, բայց վճռական դժուարութիւններուն:

Սողոմը ըրաւ հանդարտութեամբ, ինչ որ ըրեր էր երկու տարի վրայէ վրայ: Այսինքն` քարով մը զարնել ճանգոտած կղպանքին, բանալ շղթան ու զատել ամէնէ երկար սանդուխը: Աղմո՛ւկ, չզգաց անիկա: Երկու օր առաջուան հսկայ անձրեւը թրջեր էր փայտերը ու խուլցուցած անոնց հնչականութիւնը հարուածի դէմ: Կը մտաբերէր այս մանրամասնութիւնը, բայց չանդրադարձաւ իր սառնութեան: Անգամ մը մտնելէ առաջ այս շրջափակին մէջ, այսինքն` Նալպանտենց հարսին հզօր ձգողութեանը մէջ` անիկա անիմանալի ճամբով մը գտաւ իր ծրագիրը, կարես գծուած ասպարէզով ասպատակէ մը: Անոր մէջ կորան վերջին փշրանքները աղկաղկ իր կամեցողութեանց, որոշումի ուրուագիծներուն: Շատ բնական ու միակ կարելին գտաւ անիկա տանիքին ճամբան, որուն կը յօժարին մարդ մահուան վտանգով: Ըսի ձեզի փայտերուն խարդախութիւնը: Բայց չէք գիտեր, թէ հսկայ գործիքին ժանգոտ հէնքը բաւական է ներսէն արթնցնելու շուները եթէ կան, սագերն ու հաւերը, որոնք պատին քսուող ամէնէն փոքր շարժումէն կը խրտչին ու կ՚աղմկեն, մեծաթեւ թափահարելով, կէս սիւնէն վար ցատկելու ստիպելով երբեմն աւազակը: Այն պահուն, երբ Սողոմին մատները քակեցին երկաթ կապը, պարզ էր անիկա, դաշտ, քաղի իջնալիք բանուորի մը հոգիով: Ի ծնէ ոճրագործը կը տարբերի գռեհիկ ու երկչոտ աղուէսներէն, որեւէ բարդ կացութեան դէմ հանուելիք սա առարկայականութեամբ: Անիկա կ՚ապրի իր ծրագրին ամէն մէկ մասը, յարգելով անոր կարգը, ու առանձին-առանձին: Կատարուելիք արարքին ամբողջ ծալքերն ու դերբուկները կամա ւ վերցուցած է իր հասողութենէն: Կ՚ընէ իր սկսած մասը ու միայն ատ: Հեռանկարը, համապատկերը, այսինքն` ծրագրին լիութիւնը, հաւանական բարդութիւնները, վտանգներուն հանգոյցը անգոյ են անոր այդ պահով միայն սահմանաւոր մարզէն: Գուցէ ինքնապաշտպանութեան խուլ բնազդն է, որ կը վարէ, տիրապետող ու աններող, անոր գիտակցութիւնը այդ պահուն: Խուլ` բայց մշտարթուն այդ բնազդին ցուցմունքովն է, որ անիկա գիտէ, թէ պարտաւոր է լիակատար շահագործելու նուազագոյն իր ուժերն անգամ: Վախը, կասկածը կամքին զանգուածէն փրցուած մասեր են ու կը կոտոր(ակ)են անոր լիութիւնը: Մարդ մորթելը, տուն հրդեհելը, նոյնիսկ առանց դիմադրող բարդութեան, իրենք իրենց մեծավտանգ արարողութիւններ են (կապուածները անվտանգ մորթելը հականիշն է այս նշմարանքին ու կը նոյնանայ պսակաւոր վատութեան: Թուրքերու գործածած ասպատակները կաքաւի ձագերու նման կը տարտղնուէին երկու զինեալ մարդոց դէմէն: Կարծես սողոսկող արիւնին տեսքը այդ մարդերը ու այդ ազգերը կ՚ընէ այդ գիծով վատ ու բզկտող): Սկսնակը, ոճիրին մէջ, հոմանիշ է վատին, որ կը սպաննէ կա՛մ վարժութեամբ, կա՛մ վախէն: Միւս կողմէ` անվախութիւնը շփոթելի չէ մար զուած անզգածութեան հետ, որ հաշիւի, մեծ նուաստացումներու, շահախնդրութեանց հետ նոյն հէնքը ունի: Յանդուգն ու հերոս են մարդիկ, երբ մէկ կտորով, միանուագ, իրենց ընդերքէն ցայտումը կ՚ընեն այն յատկանշական շարժուձեւին, որ մարդերը կը զատէ վազողներու, կեցողներու, փախչողներու պիտակաւոր փարախներէն: Երբ Սողոմենց Սողոմը դրաւ քսան կանգուննոց սանդուխը քիւին, վեր էր ոճիրին ճահիճէն: Ծառերուն խտութիւնը, պատին թանձր հողագոյնը - երեք երեսէն ճերմակ, չորրորդով սեւ կամ ցեխ տուները բարքերու մաս կը կազմեն ու պարտադիր են հարուստին` ինչպէս աղքատին: Իր պարտէզին իսկ վրայ պահպանողական` գեղացին կը դատապարտէ ամէն շեղում բնակարանի սովորոյթներէն: Ու տուները` ինչպէս զգեստները, կը բարեշրջուին նոյնքան դանդաղ, որքան հոգիները եւ մեղքերը - եւ շարժումին զգուշաւոր նրբութիւնը կ՚աւելնային իրարու: Կան այս ձեռքերը, որոնք ամէն բանի կը դպին թեթեւ ու կ՚ընեն խճող բաներն իսկ առանց աղմուկի: Սողոմենց տղուն մարմինը քիչ մը շատ բացուած ձայնական հոսումներու, հոգեկան առաձգութիւն էր ստացած: Ծղրիդը միայն մտիկ ըրաւ, իր խոռոչէն, սիւներուն ծորած խուլ հեծքը եւ կակազեց:

Բարակ ո ւ թեթեւ անոր մարմինը քիչ ճօճումով բարձրացաւ տանիք: Ծրագիրն էր օգտագործել տանիքի անձրեւամուտը, ատենին դասակա՛ն` բոլոր տուներուն, հեռաւոր նախապաշարումի մը կնիքով, որուն համեմատ չարքերն ու հոգէառը այդ մուտքը կը գործածէին, պարտաւոր էին գործածել, մարդոց հետ հաւանական շփումը խնայելու համար: Այսօր մօռցուած է աւանդութիւնը ու ծերերը կը դիմեն անոր` լռեցնելու համար աղմկարար պզտիկները, երբ ներսը, մահուան մահիճին վրայ մէկը կ՚ոգեվարի ու տանիքէն մռայլ քայլեր, կատուներէ, մութով աներեւոյթ, պատրանքը կուտան շրջող ոգիներու: Շարժական տախտակ մը կը ծածկէ այդ մուտքը: Տակի, այսինքն` առաստաղին կողմէն ուժով նիգ մը, ընդհանրապէս երկաթ - փայտովներն ալ տեսած եմ շատ -, զայն կը պաշտպանէ հովին երախէն, որ կղմինտրները խածնել ու ալիւրի պէս փողոց թափել կ՚ախորժի երբեմն գիշերահաւասարներուն: Տասնեակ մը տարիներէ ի վեր գողերու կողմէ յանդուգն շահագործումներ պատճառ էին եղած, որ վերցուին այդ վտանգի դուռ բացուածքները տանիքներուն մեծ մասէն: Սերովբէ էֆէնտին, աւելի ճիշդ` մայրը, կասկածոտ ու աւանդամոլ հաշտութեան եզր մը գտած էր հարկին ու վախին մէջտեղը, պահած էր կափարիչը, կղմինտրով զայն տանիքէն անյայտ ցոյց տալէ ետքը: Դիմացէն զննող մը ոչինչ ունէր տեսնելիք զինկապատ մուտքէն:

Նալպանտենց տանիքը պարտէզ հայող իր թափէն ապահով էր փողոցէն: Կտուրին գիծը, երկու մարդու հասակով վեր, կը պաշտպանէր տղան բանուկ փողոցին հասողութ են էն: Անիկա վախ չունէր տակէն, վասնզի կղմինտրը թեթեւ մը խոնաւ, խուլցած էր գիշերուան ալ զովէն: Ասկէ զատ, հետեւելով գաղթականներու սովորութեան, կղմինտրին ու տախտակին մէջտեղը հող պառկեցնելու նորութիւնը ծաւալ էր գտած ունեւորներուն մօտ: Տանիքին տակ շատ մը առարկաներ, հինցած լաթեր, որոնք կը կոտրէին հեծքին գիծերը: Քանի՜-քանի՜ հեղ, անիկա տանիք սրջող 3 մարդոց քայլերը չէր լսած ներքեւ սենեակէն, հակառակ ուշադիր ճիգին:

Կոկոզած, կատուի քալերով յառաջացաւ դէպի մուտքը: Այնքան զգոյշ կը կոխէր, որ խոնաւ կղմինտրները տասնէն մէկ հազիւ կ ը ճաթէին, խուլ հազի մը պէս, որ չի կրնար բացուիլ ու կը թաղուի: «Թեթեւ ոտքը» պարապ բացատրութիւն մը չէ: Անիկա պէտք չէր զգար աջին ու ձախին նայելու: Տարօրինակ վստահութիւն մը կ՚ողողէր զինքը ու անոր կը խնայէր աւելորդ, աղէտաւոր վարանումներ ու շարժումներ: Կարծես թէ օրը ըլլար ցերեկ, ու ինք` սրջողներուն օգնելու գացող պատանի: Ոճիր, արիւն, սեռ` բոլորն ալ հեռո՛ւ, թաղուած, լերան ետին քաշուած մեծ հրդեհի մը պէս, որմէ ոչինչ կը պտըտի գագաթներուն վրայ: Աչքերը` ինչպէս լուսի մէջ, կը տեսնէին շատ յստակ, բայց հարկ է ճշդել, իրենց ուզածը միայն: Անշուշտ անոր աջին տանի՛քը, քիչ մը ցած Խման Մննէին, իր բուխերիկին կիսափուլ սիւնովը, որուն մէջ կատուները առագաստ էին ընտրած, տակի, այսինքն` տունին նոր հարսին հետեւած ըլլալով: Ձախին` գեղին կտրտուած պատմուճանը, խորտուբորտ ու կոյր: Այս պատկերները կ՚ուրուանային, բայց չէին թափանցեր անոր գիտակցութեան: Մէկն է աս պարագան մութին շնորհներէն: Ո՞վ տարաւ զինքը ճիշդ մուտքին վրան: Հանեց զոյգ մը կղմինտր: Հո՛ղ: Մէկդի: Շօշափեց: Զինկին պաղը չէր խաբեր: Մաքրեց կափարիչը, իր ամբողջ տարածութեան վրայ: Նեղուեցաւ քիչ մը, մինչեւ որ դանակին բերնովը պարպեց ճեղքերը, որոնք լեցուած էին մաղմաղ հողով, շատ տեղ քարացած: Թեթեւ էր մութը գլխուն վերեւ ու միջոցին մէջ քաղցր զովութիւն մը, անուշին հոտովը միաւոր, կու գար չորցնելու քրտինքը ճակտէն: Չզարմացաւ այս օդով այնքան տաքնալուն: Փոշին կը շոգիացնէր այդ քրտինքը անոր ափերէն: Տեսաւ մտքէն վարպետ Օհանը նստած իր տեղը, մուտքի առջին, կոշտ մատներովը ճմռելով բջիջները վայրի մեղուներուն, որոնք զայրացկոտ յարձակում կը գործէին, բայց կ՚իյնային լայն թաշկինակին հարուածներովը: Այս տարի էր ատիկա, շերամի եղանակէն առաջ: Անոր միտքը դիւրութեամբ ցատկեց այդ անջրպետը: Տեւողութիւնը մեծագոյն տանջանքն ըլլալով հանդերձ, մխիթարանք է երբեմն: Որքան խոր ու նոր բաներ կը լեցնէին պարապը երկու ժամանակներուն: Վարպետ Օհանը ի՜նչ աղաչանք էր թափեր Նալպանտենց ծառային, « Առաւօտ լուսոյ »ի մը համար: Մէջքէն հանեց երկաթ, սրածայր գործիք մը, դարբիններուն դուրը: Մէկէն ջերմացաւ անոր ուղեղը: Հոն եկած էր փռուելու մռայլ տեսարանը տունէն իր մեկնումին: Ու եղաւ անոր ջիղերուն վրայ տարադէմ ու դժպհի այն հոգեբանութիւնը, որ իր հօրը սենեակին մէջ պլլեր էր անոր պատանութիւնը, հիւանդոտ, մսող, անյոյս ու մահահոտ բարեխառնութիւն, որով կը ժպտուի մեր մէջ մեր սեռային զկծումը: Ինչպէս սաստած էր մայրը, կոշտութեամբ ու անգութ, սպառնալով դանկըտել բոլորը, եթէ չերթար տեղը պառկելու: Ո՛չ առաջինը, եւ ոչ վերջինը մայր ծեծողներուն: Հիմա մութին մէջ, կափարիչին աղօտ փայլովը վիրաւոր` անիկա կը նմանէր մէկու մը, որ կը բանայ դուռը իր հողքին: Ու կը ցաւէր այդ վայրագութեան համար: Տեսաւ զինքը աւելի ետքը, ախոռին մէջ, առած ատենը տունին չուանը, երբ իր մատին էր դպեր պաղը երկաթին: Դուրն էր, որով հայրը սանդուխցու սիւնին միսին մէջ կը փորէր աչքերը: Ինչու՞ խզկած էր ան ալ մէջքին: Շնագայլեր, գերեզմանին վերերէն, թող պոռային սատկելիք գազանները: Եկաւ ու գնաց, արագ, ուրուատիպ, գնչուհին: Եղաւ ինքնավստահ, ոճիրը շատ վերէն, շատ հանդարտ սկսողի մը հոգեբանութեամբ:

Սահեցուց գ ործիքը, քիչ մը դժուար, քառանկիւն մանրանկար խրիմին մէջ ու մեղմ` պրկեց զայն, լծակի ուղղութեամբ, աջ ու ձախ: Ժանգոտ ճղռտուք մը, քիչ ու խուլ, խոնաւութեամբ վիրաւոր, բայց սիրտ ճմլող: Անոր զօրաւորագոյն զգայութիւններէն մէկը պիտի մնար այս հեծկլտուքը, մետաղապատ առարկային, որ գծուեցաւ ու մնաց: Երերուն ձայն երբեմն կ՚առնէ այս շեշտը ու մենք զուր չէ, որ կ՚ախորժինք բանաստեղծութենէն ու կը հաստատենք մեր տագնապը մեր շրջապատին ալ վրայ: Քիչ ետքը, աւելի ամուր շարժում, որուն հետեւող հեկեկանքը, հակառակ իր ուժին, մնաց անարձագանգ: Կափարիչը կը դիմադրէր: Խարխո՞ւլ: Չէր անշուշտ: Բայց այն նիգերը որոնք պատրաստ կը ծախուին, սրամիտին մէկը նմանցուցած է կնիկներու ոսկորին, որուն ամրութեան վստահողը տեսնելիք ունի: Չկայ անոնց մէջ տեղի չտուողը: Այդ էր պատճառը, որ բակի մեծ դուռներուն հնօրեայ ու հսկայ կողպէքները, ատեն մը եւրոպական այդ բարակ ու փայլուն փականքներուն առջեւ նահանջելէ ետքը, վերադարձան իրենց վարկին: Պզտիկ ճնշումը բաւ էր օտար կրակէ այդ երկաթները խորտակելու: Գործ ունեցողները ծանօթ են նաեւ սա պարագային, որուն համեմատ երկաթը կը քայքայուի ներքին իր ուժէն` հողին ու փոշիին անդուլ խոնաւութեամբը: Երեք-չորս տարի հեղ մը արջուող տանիքը ժանգով կը խղդէ ամէն նոր երկաթ, որ ներկուած չէ: Վեց ամիս չկար, որ Սողոմը, տանիքին սրջուելուն առիթով, ըրած էր այդ ելքը, շօշափած նիգը: Ծանօթ էր դարձեալ նիգերուն այդ տկարութե ան իրենց ալ տունէն: Ծռեց դուրը, աւելի ամուր: Փա՛թ: - Փայտ ըլլար փրթողը, այնքան հեռու էր ճիչը մետաղին արու հունչէն: Նիգը կոտրած էր: Կարծր` բայց բութ աղաղակը թռած էր վար, ծառերէն անդադար հոսող շրշիւնին մէջ մարելու: Հովը բարեկամ է, կ՚ըսեն, սեւ բաներուն: Բացաւ կափարիչը: Տաքը զարկաւ երեսին ու կճեց քիթը: Փոշի, բորբոս: Մտիկ ըրաւ եւ իսկոյն սուզուեցաւ բացուածքէն ներս:

Վտանգի գնով ճարուած ամէն փորձառութիւն շատ աւելի խոր է ու դիմացկուն մեր անգիտակցութեան մէջ, քան սովորական աղբիւրներով հոսածը: Պտըտած էր անիկա այդ տեղեր ուն վրայ, բայց ներսէն, ձեղնատակէն, տանիքը աշխատողներուն փոքր պիտոյքները գոհացնելու համար: Ու չէր գիտեր, թէ այդ սկզբնական ծանօթացումն էր, որ վարած էր, անոր տագնապի ամբողջ ընթացքին, ոճիրին յատակագիծը այսքան հանդարտ լրջութեամբ:

Գլուխը հատած էր տանիքէն: Պահ մը ո տքերը ըրին սողոսկուն փնտռտուք մը, գերաննե՜րը: Յիշեց օրը, արեւին համը, տունին բոլոր սենեակներուն մէջ փոշիին անձրեւը, պատը` ճառագայթներուն լարին, ու հո՜տը, մարմնեղէն ու սեռ, Նալպանտենց հարսին, որ ջուրին սափորը կը մատուցանէր իրեն, սանդուխին վերի աչքերը դէպի, վերցուցած թեւերը, շարժումի հանելով կլորութիւնը իր ծոցին, ուրկէ զգլխող բան մը զարկած էր իր ալքերը, կրակէ ջուրի մը պէս քալելով խորագոյն ալքերը անոր հոգիին: Անոնց նայուածքները իրարու խօսա՞ծ էին փախստեայ այդ պահուն: Իրողութիւն էր, որ Սողոմը շաբաթներով ապրեցու ցեր էր կարմրած հարսին այդ տեսիլքը իր մէջ: Տարած էր անիկա սափորը, ձեղնատակին մութէն, սայթաքու՜ն, ճիշդ ինչպէս հիմա կ՚ըլլային իր ոտքերը, քալել սկսելէ առաջ: Վառեց լուցկին - տունին ամբողջ պահեստը պարպած էր մէջքին, ի՛նք` որ չունէր պէտք, ծխող չըլլալուն -, ափովը շինեց բոցին պահպանակ լուսարգել, կոտրելու համար վեր ցոլացումը լոյսին: Կանանչի զարնող դեղնորակ բան մը եղաւ եռանկիւն պարապը: Առաստաղին գերանները, հսկայ ոսկորներու նման, միակերպ ու միաշար ծեր, իրենց սովորական ծաւալին` չես գիտեր ինչպէս` աւելի հաստըցան: Ոճիրի՞, թէ վերյիշումի կ՚երթար Սողոմենց տղան, երբ կը բաղդատէր սիւներու այդ պառկուածքը ուրիշներու, նրբամարմին ու թեթեւ, տանիքներու տակ, այն շատ մը տուներէն, որոնց կառուցումը կը բրգանար հիմա իր առջին, երբ անհոգ տղայ, լարախաղացի նման կը վազէր սիւնէ սիւն, մօրը աղաչանքի ն անհլու, երգելով գեղացիներուն նուէրները ու զովացնելով աշխատանքներուն ամէնէն դաժանը, հիւսնինը: Մամո՜ւկ, մամուկ, ըսես ըլլար ծով մը ոստայն, որուն մէջ սեւ, աչքի պտուղներու, ձուկերու գլխին նման, սարդե՜րը, լոյսէն թարթելով ու փախչելով «լեղապատառ»: Ու գորշ կտա՛ւը անոնց մետաքսին, որ կ՚երփնուէր տարտամ ոսկեջուրով մը: Անոր ափէն լոյսը - մոմիկ մը - կաթիլ մը ոսկի կ՚ըլլար բարակ ու ճերմակափոր մամուկներու մէջ, որոնք կը դառնային խատուտիկ ու թափանցիկ: Ինչո՞ւ կը հետաքրքրուէր այս միջոցներով, անոնց ոստայնով: Հանգրուանէ հանգրուան մեր միտքը կ՚ախորժի չզգալ հիմնական բեռը ու կ՚ընդունի չէզոք բաներ: Իջաւ ծունկերուն վրայ: «Չորս ոտքով», ինչպէս կ՚որակուէր նստուկ այդ քայլուածքը, սկսաւ անիկա իր ճամբան սա գառագեղէն: Բարակ մոմը` որուն մարմինը հիւսած էր մատին - տիրացու տղու վարժութիւն, երբ դասին կիսախաւարին մէջ, տէրտէրին կէս աչքերուն լոյս տալու համար` անիկա կը փաթթէր մոմին բարակ մարմինը իր մատին ու կը բռնէր այդպէս ստացուած աշտանակը շարականին վրայ, ընկերելու համար յոգնած ձայնը քահանային -, քիչ իր լոյսովը կը պատռէր քնացող, սեւցող մութը ու կը բանար սիւնադիր ճամբան: Սամիկ Սամո՞ւնը: Անշուշտ, անոր առիթով սուրբե՜րը, որոնք կանգուն սիւներու վրայ ապրեր էին տարիներով: Սո՜ւտ, անկարելի՛: Չեղաւ անոր միտքը այդքան սրբապիղծ: Բայց բոլոր այդ մեծ ապաշխարողներուն նախանցեալը հեշտ ու ցանկալի իրականութիւնն էր անոնց հեքիաթին: Չէ՞ որ անցեր էին մեղքին «տոռուն»ներէն: Ու տեսաւ կրկին Շմաւոնը, որ աղբարը յարդին մէջ խղդելէ ետքը, խածեր էր անոր կոկորդէն, արիւնը ծծող գայլի մը նման: Զգուշաւոր ու հանդարտ, մէկ ձեռքովը ափը շարժելով ետին, կարծես պատկերներու կարաւանը ղրկելու համար խաւարին` ան առաջացաւ դէպի կէտը, ուր կ՚ենթադրէր երկրորդ կափարիչը, ան ալ շարժական, բայց առանց նիգի: Յիշեց, թէ անոր շրթունքին, բայց քիչ մը քովնտի, նետուած էր օրանը, հինաւուրց, բայց Աղուորին հարսնիքին հարկաւ արդիացած, ներկով ու զարդով, հինգ տարիներէ ի վեր սպասումի մէջ` լոյսին իջնելու: Չկա՜ր: Իր աղիքները անցան ջերմ բանէ մը: Անիկա ծանօթ էր աւանդութեան, որ կը յանձնարարէ յղութեան հետ, յարդարանքը սկսիլ մանուկին կեանքին: Ու օրանը, առաջին հանգրուանն էր անբաւ այն բանին, որ մեր կեանքն է, ծրար մը կաշիի մէջ այդպէս թխմուած իր արշալոյսին: Սողոմենց տղան սառեցաւ քիչ մը: Եկած էր իր շրթներուն Աղուորին բերանը, այսինքն` այն պահը, ուր անհնարին սարսուռով մը առեր էր անոր լեզուն մէջը իր բերնին ու ծծեր զայն, նուաղելու չափ թուլցած ու պղտորած անորակելի երանութեամբը, որ կը զգացուի ու չ՚արտայայտուիր: Մտածեց պատճառին, որ այսպէս արտասովոր պահի մը իր միսերուն վերադարձուցած էր զգլխանքը անկողինին: Օրա՛նը: Տաքցաւ երկրորդ անգամ ու անոր ջիղերը թօթուեցին զինքը ներքին հպարտութեամբ մը: Անոր այցելողն էր անդրանիկ գիտակցութիւնը հայրական զգայութեան: Մանկունակ էր անոր հրճուանքը, բայց խոր նոյն չափով, իջնելու չափ մինչեւ անհաս ալքերը ստեղծումին արբեցման: Օրա՜ն, այսքան կանուխ: Տեղը գրաւած էր պզտիկ աթոռը, մանուկի, նստատեղէն ծակ: Մէկդի ըրաւ անխելք առարկան: Հարուստներուն աւելորդ մէկ զարդն էր ան, նորամուտ, ու անիծուած ատով: Բայց տպաւորուեցաւ անոր հեծկլտուքէն, ան ալ խուլ, մանկական, ճիշդ լացի նման, որով առարկաները կը պրկեն մեզ, մեր ջիղերէն ու մեր հոգետունէն: Ե՞րբ հասաւ անկիւնը: Գլխին` տանիքին հաստ գերաննե՛րը, ճնշող ու լիրբ: Պարտաւոր էր սողալու, ազատելու համար անոնց հարուածէն: Ահա քառակուսի տախտակը - տեսաւ զայն տակէն, ներկուած ճիշդ ու ճիշդ շփոթուելու համար առաստաղին ընդհանուր գոյնին մէջ, որպէսզի անհնար ընծայուին գիծն ու բացուածքը, նկատառումը, օտար աչքերուն -, որ մնաց անշարժ իր մատներուն դէմ: Խոշոր սարդ մը ըսես թաւշեր էր ամբողջ երեսը, մաս-մաքուր ու չկար ինքը: Աւելի մօտեցուց մոմը: Մատը աւրեց ոստայնը: Մէջտեղ ելան քառանկիւնին գիծերը: Չարչարուեցաւ, մարմինը քովնտի քշելու եւ երկու ձեռքերն ալ գործածել կարենալու համար: Կ՚այրէին ռունգերը կծու համէ մը, որ քրտինքին ու փոշիին խառնուրդը կը յիշեցնէր: Կ՚այրէին աչքին անկիւնակապերը ճակտէն հոսած աղով ու իր իսկ ստեղծած փոշիով: Ըրաւ ուժգին ճիգ: Չէր վախնար, վասնզի մառան էր տակինը, քառակուղպ ու հեռու Նալպանտենց Աննային սենեակէն: Կափարիչը տեղի տուաւ: Ջերմ ու գլուխ առնող բան մը մէկէն ողողեց անոր դէմքը: Մառանները ունին այս կարգի արձակումներ: Ըսես անուշի ծափերուն գոլն ու արոմը կը դպէին իրեն, այնքան մօտ էր անոնց ներքին ոգիին: Զգուշացաւ ձեռքը երկարելէ ծակէն վար, վասնզի վախ ունէր զոյգ պատուհաններէն, որոնք երես կը բանային անկէ դէպի ծառաներու բաժինը, ասոր վրայէն դէպի փողոցը, ուր կ՚եռար գիշերային աշխատանքը, ազատ` ցերեկուան ընդմիջող աղմուկէն խուլ ու պռատ լոյսին մէջը ընդհատ փայլակող բոցին, ջահերուն հանգումէն յետոյ: Դիւրաւ, առանց արագութեան, չմարելու հոգով մոմը` անիկա քակեց մէջքէն չուանը, ոլորուած գօտիին փաթին: Յանկարծ կրկնուեցաւ, շատ թարմ ու կենդանի, զգայութիւնը, զոր ունեցեր էր անիկա, չուանը մէջքին փաթթած ատեն, կուպրի պէս թանձր ու ծանրահոտ խաւարին մէջը իրենց ախոռին: Անիկա ինքզինքը տեսաւ, այս անգամ, պատրուելու չափ իրական գունաւորման մը մէջէն, մօտիկ գեղի մը թուրք մէկ պալատին մէջ: Գնչուներուն ձայնը երբ դադրեր էր անոր ականջէն, քանի մը ժամ առաջ, գերեզմանէն էջքին, զգացեր էր այդ մտապատկերին կազմաւորումը իր մէջ: Ինչո՞ւ: Մեզի ներկայացող պատկերները դպրոցական աշակերտներ չեն, վկայականը ծոցերնին, որպէսզի ստուգումը կատարենք: Իրականը ան էր, որ եղեր է անիկա ատ գեղը, տարի մը առաջ, պալատին բացէն, հիացիկ ու ամէն տղու նման երազելով վանդակուած պատուհաններէն ներս ճերմակ ու կատղած կիներու: Այս կարգի ապարանքներ հազուադէպ չեն շրջանին շատ մը գեղերուն մէջ, կը պատկանին ականաւոր տեղացիներու, որոնք մանուկ հասակէն որբ, առնուած` պետական վարժարանները, ստանալէ յետոյ պաշար, ինկած են զինուորական կամ վարչական ասպարէզները, անցնելով զանազան պաշտօններէ, արժանանալով կարեւոր դիրքերու, թափանցում ունենալով մինչեւ արքենի սպասորեարը, կը սոթտեն պետութիւնը, նայելով իրենց կզակներուն լայնքին ու, ծերութեան դուռներուն, աչքէ խուսելու բռնադիր դիտումով - Պոլիսը դասական քաղաքն է պետական հարուածներու եւ ասոնց ընկերացող վերիվարումներուն -, խելքը կ՚ունենան կամացուկ դառնալու ծննդավայր իրենց գեղը: Հոն, հեռու աւագներուն ժանիքէն, կրօնեռանդ պաճուճումով զրահած իրենց խոցելի հարստութիւնը, կը տնկեն իրենց փառքը արժեւորող հսկայական ապրանքները: Գեղին ամէնէն գեղեցիկ դիրքին վրայ կը դիզուի փարթամ կառոյցը, իւղոտ ու առատ, երբեմն արդիւնք` բռնավաստակ բազուկներու, երբեմն ալ արդար, հալալ աշխատանքի, խելքի, դրամի, որ կը հոսէր խոնարհ աւանին մէջ ու քանի մը տարուան համար աղքատին ու կարօտին օրհնէնքը կը շահէր ողջերուն փառքին ու մեռելներուն հոգուն: Ասոնց շուրջը ստեղծուած հետաքրքրութիւնը այնքան ընդարձակ է ու հոն թաւալող կեանքը այնքան տարօրէն յորդ, ու նոր` գեղին համար, որ թուրքերը կը պատմեն անոր իրադարձութիւնները առաջ իրարու, յետոյ` իրենց բանուոր հայ տղոց ու, ասոնց ճամբով, հեքիաթը կ՚աճի ու կը տարածուի հայ գեղերուն խուլ անկիւնները մինչեւ: Անոնց շինութեան սկիզբը կամ կործանումը պատմական դրուագ է, թուական տալու չափ գեղին տգէտ դասակարգին: Փաշան կամ պէյը, քանի մը տարին հեղ մը կու գար հոն, բանակ մը կնիկ կամ ծառայ ձգած ետին, կ՚ապրէր մէկ-երկու ամիս, գեղը դնելով ափ ի բերան զարմանքի մէջ` իր աղջիկներուն ու ձիերուն արտակարգ նրբութեամբը, ու արդէն մեծաստիճան իր տղոց ոսկեճամուկ համազգեստովը, որոնց երկշարք կոճակները թրթռման ու շողիւնի մէջ կը կրկնապատկէին անոնց դէմքերուն նուաղ, բայց գրաւիչ գեղեցկութիւնը: Ու անոնց պերճանքը նիւթ կու տար գեղէ հեռու երգիչներու, որոնք, նախնական իրենց գործիքները շալկած` օրերով կ՚երգէին պալատին առջեւ իրենց եղանակները, խոր, մելամաղձոտ, երբեմն ալ զուարթ, համաձայն պաշտօնատարին ախորժանքին, կոտրտելով ասոր փառքը, պատմութիւնը, հանելով վրայէն հեռու քաղաքներուն դիզած ապրշումն ու սեթեւեթը, դարձնելով անոր սիրտը իր պատանութեան մերկ բաժակին այսպէսով անոր մէջ զրահուած գազանը վերածելով գառնուկ ու քաղցր գեղջուկի: Եղած են հանդէսներ, որոնց ընթացքին ամէն տունի կէս գառնուկ նուէր է ինկած: Ու եղած են թափօրներ, անհաշիւ մսխումի, ու բարեհաճ գինովութեան անմոռանալի թափօրներ, երբ ականաւոր փաշան, հագուած իր գեղին տարազովը գնչու, քէօչէկ, պոռնիկ ու բանակներ պլլած առջին կը խաղար փառաւոր գգալապարը, ա՛ն` որ շատ մը անուններով ծանօթ է Անատոլուի բոլոր ժողովուրդներուն եւ որուն սաղմը ծուարած կը մնայ խորը ամէն թուրք հոգիին: Այս վերադա՜րձը` որպէսզի հանգչին աճիւնները գերեզմանէն իսկ ջնջուած գեղջուկին, որուն արիւնը ահա կը խենթենար ու կը պատուէր խոնարհ հողը իր պապերուն: Ու թլփատութեան փառահեղ հարսնիքներու ու զուգադէպ պայրամներու ատեն, առասպելական շքեղանք ու զեխութիւն: Թուրքերը, իրենց ձրի հարուստներուն ու կողոպուտէ յղփացած աւագանիին գիծով, իրենց նմանը չունին ուրիշ ժողովուրդներու ազնուականութեան մէջ, երբ ուրիշներէ վաստակուած դրամը կը վատնեն: Հիւսիսայգի նման ապշեցուցիչ այս հանդիսանքները կը ջնջուէին կառուցման արագութեամբը: Մեծղի ուրիշ թափօր մը պալատանին կ՚առաջնորդէր գեղէն դուրս, օրհնութեամբ ու արցունքով, Արեւելքի հին բարքերուն ընդարձակ համանկարը ցուցադրելով այնքան ուրիշ քաղաքակրթութիւններ տեսած այդ մարդերուն: - Մարդեր` որոնք կը չոքէին պաշտօնակալին ոտքին, որպէսզի դնէր անիկա ոտքը կռնակնուն ու հասնէր ասպանդակին: Կիներ` որոնք հանըմներու պարեգօտը կը քսէին իրենց գոց ճակատին ու զինուոր իրենց տղոց վրայ փաշային կիներուն քաղցր աչքն ու պաշտպանութիւնը կը հայցէին…: Ու պարզ կեանքը կը դառնար ետ, խեղճ այդ գեղերուն, հետը բերելով սրբազան, փաթթոցաւոր ձանձրոյթը, որ պարզագոյն իրականութիւնն է այդ բարեկեցիկ, փոքր գեղերուն, միակ մզկիթով, միակ հրապարակով, ուր տուները կը շինուին թթենիի պարտէզներուն թելադրանքով, այսինքն` քաղքիններէն երկու հեղ խոշոր, եւ որոնց մէջ ազազուն տղեկ մը ու նրբենի, բայց դիւթքի պէս զգլխիչ աղջնակ մը կը սպասեն կնիկի ու էրիկի: Ուր, սրճարանը կը համախմբէ բոլոր աշխատող բազուկները, ընդհանրապէս մօտի հայ գեղերէն, ու կը պատկառի ծերերէն, գարգմանակուած` հսկայ իրենց փաթթոցներէն, կզակնուն կախ երկու թիզ մօրուք, եւ ձեռքերնուն` Մէքքէի համրիչները, յօրանջող ու աղօթող, լիրբ ու կատաղի, հանդուրժելով անհաւատը, երբ կ՚աշխատի հացին գնովը, հալածելով անոր հոտն իսկ, երբ անոր մէջ կասկածի մարդը այսինքն` արարա՜ծը, որ նայելու, քալելու, ուզելու, չտալու տարրական պահանջները կը փորձէ բանաձեւել: Բայց չէին փակուեր դուռները մեծակառոյց ապարանքին, ուր կոտրտած, դահացած քանի մը հանըմ, իրենց հաստախարիսխ մարմ ինները պարտկելու անկարող կամ կապկաձեւ իրենց դէմքերը ամրօրէն լաչակած, քիթ ու բերան ալ մէջը ըլլալով, քանի մը սեւամորթ գերիներու տարերկրեայ փառքով ստիպուած իրենք զիրենք խաբելու, սկիզբը կ՚ընէին անդարման, անվերադարձ լքումին, կեանքին այն կտորին, ուր մաշած իրենց մարմինին, ու ա՛լ անգործածելի իրենց հրապոյրներուն արժեւորման համար հազար յոգնութեամբ, նուաստացումով, կորակոր կործանումով գիւտը կ՚ընէին նոր ժմնուկ, աղքատիկ պատանիներու, ցանելու խաղաղ գեղին մէջ ամօթը իրենց ծիրանաւոր տարփանքին, բաշխելով տուներուն խռովք ու արցունք, բաժինք ու արիւն, հալեցնելով պալատին շարժական բոլոր կահերը, ու հալեցնելու ստիպուելով մա՛նաւանդ ոսկեղէնը, որ անոնց բազուկները կը հիւսէր պարմանութեան օրերէն ու պարպուելով գոհարեղէնէն, որ անոնց մատները կը պսակէր արքենի, առնուազն իշխանական գինովութեամբ ու պատկերովը ա՛լ մեռած անկողիններուն ու ա՛լ մեռած ծոցերուն, հալելով մա՛նաւանդ իրենք իրենց շնորհէն, հետզհետէ վերածուելու համար տկռած կուռքի կամ կմախացած չորութեան: Ո՜վ տրտմութիւնը հինցած հանըմներուն, որոնց այտերը կերուած են ներկէն, ու թարթիչները թափած` ծարիրէն: Որոնց կաշին կիրքին աղին մէջ կռնծած, արեխի կը փոխուի գարշ մազերուն աղբին ներքեւ: Ու տրտմութիւնը մա՛նաւանդ հինցած պալատներուն, որոնց կը խախտի ծեփը է՛ն առաջ, ճերմակին վրայ դեղին պալարովը ներքին փտումին: Կը պատահէր, որ մահը կամ լքումէն ու ձանձրոյթէն առաջացած անիմանալի ախտեր քանի մը տարիէ փակէին դուռները ընդմիշտ: Սեւամորթ ծառաները թափուէին փողոց, բորոտ շուներու նման, ու պարպէին ապականութեան տակառը գեղին զայրոյթին: Ու հաստատուէին արագիլները, երջանիկ ու անխանգար, ա՛լ շիջած ծխնելոյզներուն: Կամ, կառու ցողին բախտին հեռուն ալ շիջումովը պալատը իյնար ակռաներուն տակը ցեցին ու մուկին, ու սղոցին տակը ձիւնին ու բուքին: Օր մը տանիքէն, օր մը ծեփերէն, օր մը վանդակաւոր պատուհաններէն քիչ-քիչ թեւ բանային հատուկոտորներ: Ու հիննալու իսկ չհասած, ինչպէս կը դիտուի երբեմն առոյգ մոյնքով միջին տարիքի մարդերուն մօտը, գեղունի` բայց ներսէն փտած պալատը, կտցահար ժամանակին անտես ու անողոք կտուցովը, աշնանամուտին` խիստ հովի մը ճիրաններուն տակ, կամ հսկայ ձիւնի մը հանդարտ, խարդախ գգուանքէն, նստէր ինքնիրեն, տանիքէն հրուած, յարկերը առած գ ետին իջնալով: Ո՜վ կործանումը մեր պալատներուն: Երբ բազկատարա՛ծ գերանները կը պատմեն մեր փառքը փոշի, ու կու լայ կարծես անոնց վերեւ սաւառուն շամանդաղը, ա՜ն` ուր շիթը կայ գուցէ մեր արցունքին եւ կամ հաճոյքին…: Ու բլուրը, աղբերագիրքը, գեղանի պարտէզը, բոլոր մեր սոնքումէն ու սէրէն, անհունաբաղձ մեր սրտին տագնապներէն ու մեր հպարտութեան այդպէս ցցուած կոթողներէն պահէին չոր անուն մը միայն, որ վաւերական ապրանքը կը դառնայ գեղին, ջնջելով իր հեղինակը, բայց դիմանալով բերնէ բերան, տիտղոսելով թաղը, աղբիւրը, այգեստաններերը ու անցնելով հեքիաթին: Ամէն գեղ այդ կողմերը, մօտիկ շրջապատի մը վրայ ունի այդպէս, պէյով, փաշայով, ու թրքական ուրիշ պատուանուններով շքադրուած դիրքեր, փողոցներ, թէքքէ ներ 4 ու սուրբեր, որոնք գողտր հաշտութիւն են ճարած, ժամանակէն ու անոր փոշիէն, ու չեն նեղեր հո՛ն` ուր կը շարուի հիմա փոքր ու համեստ կարաւանը աղքատիկ տուներուն: Երբեմն մարդն ալ կարող է սրբագրել մեր ամբարտաւանութիւնը ու լրացնել բնութեան թերին: Ըսած են, ու իրաւունքով` թէ կործանումը խորհրդանիշն է կեանքին…: Կեա՜նքն է ասիկա, դրուած հասողութեանը մեր բազուկներուն: Ին չո՞ւ այս ամէնը, Սողոմենց տղուն ուղեղէն, որ դուրսէն գիտէր պալատներուն փառքը: Բայց շաբաթ մը առաջ, բանտին մէջ, անիկա հանդիպումը ըրած էր տարեկից տղու մը, որ բերուած էր շղթայակապ, արիւնլըւայ, պալատ մը կրակած ըլլալուն, երկու կնիկ մորթելու եւ ոստիկան մը սպաննած ըլլալու ամբաստանութեամբ եւ որ կը մերժէր այս վերջին վերագրումը ձայնին բոլոր զօրութեամբը, բայց կը պատմէր հաճոյքով, թէ ինչպէս մտած էր պալատին տանիքէն անձրեւմուտի ճամբով, ըրած Սողոմին նման, ձեղնատակի սողոսկումը ու բացած սա կափարիչը, տախտա՜կը, որուն առջեւն էր Սողոմը հիմա: Տանիքին վրայ բո՞ւ մը, թէ քալող ուրիշ բան մը - ձայն կ՚առնէր տարօրինակ դիւրութեամբ, զարմանալու չափ, քանի որ ականջներուն քովէն հեղեղ կ՚անցնէր - դարձուց զինքը իրականութեան: Թօթուեց գլուխը: Որքան էր տեւած պալատներուն համանկարը, որ տեսիլքի մը կենդանութեամբը դողաց մութին վրայ ու չքացաւ գլխու այդ շարժումով: Միտքը ունի այս արտակարգ նկատուող համապատկերներէն: Երբեմն տասը երկվայրկեանը հազիւ անցնող տեւողութեան մը վրայ մեզի կը մատուցուի ամբողջական վերաքաղը մեր կեանքին, մանրամասնութեանց այնպիսի՛ յստակ հանդէսով, տ եււմի այնքա՛ն երկար, շղթայուն զգայնութեամբ մը, որ մենք կը շփոթենք տեսիլքը իրականութեան հետ: Գոցեր էինք մեր աչքը, գիրքի մը էջին: Ապրա՜ծ առնուազն կէս դար, լիալիր ու յորդ ապրումով մը, որ երազին ու քմայքին բոլոր բարիքները կը համադրէ, արագութեամբ, ալիքի մը վրայ: Կը բանանք մեր աչքը: Հոն է գիրքը, նոյն էջին: Մեր մոխրամանին` մեր սիկարը կը վառի գրեթէ նոյն հասակովը, մոխիրի հազիւ միլլիմ մը աճած նոյն գարգմանակը կտուցին ու մեր կատուն, մեզի հետ, որ, մեր ազատ թեւին մէջ իր գլուխը դրած` ժամանակը կ՚աղայ իր ռունգերուն ընդմէջէն: Կը նայինք ժամացոյցին: Սլաքները կը պահեն իրենց անկիւնները գրեթէ անաղարտ: Սողոմենց տղան պիտի ունենար այս ապրումները, իր իսկ մորթին վրայ, աւելի ուշ, երբ անոր կեանքին, ու ասոր վրայով, իր ժողովուրդին կեանքին դարերը փռուէին առջին, անկարելի ըսւելու չափ հոծ ու արագ ու ինք ապրէր իր ժողովուրդին դարերը, րոպէական հրթիռներով…: Անցուց ան իկա չուանը տանիքը բռնող կեդրոնական սիւնին: Քանի մը շարժումներով հաւասարցուց երկու ծայրերը ու կը պատրաստուէր կախելու զանոնք ցած, երբ ընկրկեցաւ: Գրեթէ շօշափելի ուրուացումով մը բերուած էր իր մօտիկը բանտի երիտասարդը, որ իրեն նման չուանը առած երկու ձեռքերուն մէջ, մարմինը յանձներ էր պարապին: Տեսիլքը ամբողջացուցած էր մարդկեղէն նկարագիրը, ու զերծ էր հատուածական, անյարիր իր ձեւերէն, որոնցմով հալածած էր Սողոմին երեւակայութիւնը կէսօրէն ասդին, գալով թերի ու փախչելով փոքրագոյն շարժումէն: Անշուշտ չունէր անիկա առարկայական հէնքը, որ խենթերուն կամ մահամերձներուն մօտ սովորական է ուղեղին: Բայց ծանրութիւն, շունչ ու ծփանք մօտ են պատկերելու վիճակը, որոնք Սողոմինը եղան, երբ չուանը անցուց ուսերուն տակէն: Փարատած էր անոր վարանքը: Մինչեւ որ անոր ոտքերը դպան տախտակին, վարը, մառանէն, ան ունէր քովիկը բանտի տղան, իրեն պէս կախուած, նոյն չուանին: Ու մարմինը հոսումէն կասեցնելու ու պուտ-պուտ չուանին վստահելու ամէն մէկ ճիգին, բոցաձեւ հրախաղութիւն մը, աչքերուն գունտէն արձակուած, ուրուականը կը մօտեցնէր դէմքի մը շրջանակին: Չուանն ի վար, զոյգ, իրա՛ւ: Կեցաւ: Տախտակամա՞ծը: Մութը կը հոսէր, կը դպէր անոր քունքերուն ու կ՚ընկրկէր: Ցաւած մատներէն իրեն թուեցաւ, որ կայլակ-կայլակ միսերը կը ցատկէին, ու արիւնի շփոթութիւն մը քրտինքի հետ անոր միակ սխալանքը եղաւ այս գերայոյզ ու գերաճիգ րոպէներուն, որոնք ոճիրէն աւելի ծանր կը կշռեն: Մինակ էր սակայն, ու ատիկա լայնցուց իր սիրտը: Ուրուականները գեղի տղոց հզօրագոյն սարսափն են: Հեքիաթը եւ կեանքը, մեռելները եւ ողջերը կը շինեն անոնցմէ հազարներով եւ հասունութիւնը անկարող կը մնայ պատանութեան մէջ այդ թրծուած, կրացած պատկերները խոցելու: Բայց զգաց, որ կը մսէր: Ինչո՞ւ վախ չունէր մա՛նաւանդ գալիքէն: Ու կը զարմանար քրտինքին, որ կը հոսէր «աղբիւրի պէս»: Շնչահեղձող տաք մը, ուժգին հոտերով «ակաղձուն», գործածելու համար գիրքի պատկեր մը, մառանին կու տար մռայլ ու չարագուշակ լայնութիւն մը, գմբէթ ում մը, որով կը տեւեն մեր մէջ բաղնիքներու բարեխառնութիւնները: Ու այդ հոտերուն վրայէն հարուստ տուներուն ներսը ամբարուած բարիքին դէմ աղքատներուն մէջ մթերուած կարօտն ու նախանձը: Անիկա զմայլանքով կը պատմէր այդ մառանին գանձերը իր ընկերներուն: Կռնակը դարձուցած պատուհաններուն, զետեղեց մոմիկը երկու մատներուն մէջտեղ, բռնկցուց լուցկին ու ձախ ափը գոգաձեւ տաղաւարած աջին, կազմեց գողի լուսամփոփ մը, արգիլելու համար լոյսին տարածումը դէպի ապակիները: Չէր խորհեր, թէ իր պատկերը, լուցկիին զարկովը, ուրուացած էր այդ ապակիներուն եւ որուն մասին վկայութիւն պիտի տար հաց-եփ Մարթան: Բայց կ՚ընէր այս զգուշութիւնները, հետեւելու համար բանտի պատմումներուն: Դողդոջ եւ ուրուային դեղնութեանը մէջ լոյսին, ցցուեցաւ հաճի Աննային հսկայ գուբը, ոտքի, փորով, գլխուն սաղաւարտ, Հեղի քահանայապետին նման, ու քալող, վրան կործելու: Ու անոր շուքին` աւելի փոքրերը, որոնք շարժումի ելան, խոշորցան, գլուխնին թօթուեցին ու անցան: Սողոմը կը սարսռար: Անոնց կանանչ կիտուածներէն լոյսի թափուք մը, լուացուքի ջուր մը կարծես, որ աներեւոյթ աւելէ մը հրուէր ցած, բայց չիջնար: Եղաւ հեքիաթի մը դրուագը, ուր քարէ այդ ձեւ գուբեր, մոգական աղօթքով մը կը յորդէին: Եղը կը լեցնէր մառանը, կը հոսէր դուրս, կ՚ողողէր տունը ու կը խղդէր բնակիչները: Եղաւ ուրիշ դրուագը ուրիշ հեքիաթի մը, որուն մէջ նման գուբերէ կը բուսնէին հոն բանտարկուած աղջիկներ, լուսնէն ալ աղուոր, կը մօտենային երիտասարդին, կը պագնէին անոր բերանը ու կը մտնէին կրկին իրենց քարէ դագաղներուն մէջ: Վա՜յը անոր, որ առնէր համը անոնց միսերուն: Անոր տունը կը քանդուէր հիմէն ու վերջնական: Քալեց Սողոմը: Ապուրցու ներու 5 պարկերը երկարեցան, հեռացան ու դարձան իրենց տեղը նման ալիքներու, որոնք լայնքին քալելու տեղ բարձրութեան դիմէին: Պատին ամրօրէն կռթնած եւ ուրիշ գետներեսք երկարած բաներուն այս յուզումը, շարժականութիւնը չվրիպեցաւ անոր ուշադրութենէն: Անիկա ընկղմած էր տեսակ մը թմբիրի մէջ, որ երազները կը սկսի կամ կ՚աւարտէ: Չվերցուց աչքերը վեր, ուր խնձորները, թափելու պատրաստ, բայց առկախ, մեծ-մեծ արեան կաթիլներու նման կը դողդողային ու իրենց շրջանակէն կը պատրաստուէին կլոր պարի մը, ետ ու առաջ ճօճումով: Չէր գիտեր, որ բացուած ծակէն պաղ օդը խուժած ուժգին, պատճառ էր կախ պտուղներւ այդ իրարանցումին: Դուռին կուշտով օրա՜նը, ուր ճերմակ բամպակը իր կարմիր փաթաթը պատռած գռուզ իր փրփուրը կը դնէր կամարին մուգ փայլին: Ու անուշ բուրում ռեհանին, որ դեռ չփակուած ծոփերէն, պուլաման կը տարածէր…: Դո՜ւռ: Տեսաւ ու փչեց լոյսը: Ինչո՞ւ: Չէր գիտեր, բայց կար մէկը, որ կը փչէր իր հաշուոյն: Նոյն րոպէին, աչքին առջեւ լոյսին կարմիր լարերը, որդնոտ ջուրին մէջ զեռուն ճճիներուն նման, դիմացան, ոստում ըրին ու մեռան: Շօշափեց կղպանքը: Եւրոպական: Չէր մտածեր ընելիքներուն, որոնք ինքնաբեր էին ու որոշ, նախաւոր կարգադրութեամբ մը կարծես: Դուրը ըրաւ իր խուլ փորձերը, չափումները, անկիւններուն մէջ ճիգերը: Ոչ մէկ աճապարանք: Այդպէս էր անիկա, յարգելու համար բանտին տուիքները, որոնք ամէն գնով կը հարուածեն արագութիւնը, նոյնիսկ գնդակէն փախուստին ատենը: Ոչ իսկ, հեռաւոր նշմարանք մը կար վրան, վախէն, արթնցողի մը հաւանական աղաղակէն: Այս վստահութիւնը ճակատագրին վրայ մեծ մարդոց առաքինութիւններէն մէկն է կ՚ըսեն, ու իրաւացի անիկա` պզտիկներու, ինչպէս ոճրագործներուն ալ մօտը: Սողոմենց տղան կը զգար, թէ օգնող կար իրեն: Ան իր քով գտաւ կրկին բանտի տղան, որ ըրած էր դուռները բաց, առանց շշուկի` դուրին լեզուովը փետտելով փականքներուն լեզուները: Այնքան մօտն էր շանզաւակ տղան, որ կեցուց աշխատանքը, նեղուած գրեթէ անոր շունչէն, որ սուլոցի նման բանով մը կը դպէր ականջներուն: Ինչո՞ւ ճիշդ չէր դատեր, քանի որ քունքի երակին զայրագին զարկն էր պատճառը այդ զգայութիւններուն: Ստիպուեցաւ սակայն սրբելու աչքերը, որոնք կ՚այրէին աղջուր առած վէրքի մը կսկիծովը: Քրտի՜նքը, ո՜ւր էր ակը ատ շանջուրին: Մէկ շարժումով թրջեր էր թաշկինակը: Ու աղի այդ հոտը, որ մէջքէն դուրս բերաւ գունաւոր կտաւ ը, անոր մտքին մէջ արթնցուց յիշատակը շարոցի գողութեան մը, կատարուած շատ կանուխ, սանկ եօթը-ութ տարի առաջ, որ յանգած էր հօրը հեկեկագին լացին: Յուզուած էր արդար մարդը տղան տեսնելով արդէն հպատակ սադայէլին արքայութեան: Ու իր ալ լա՜ցը: Ու Սաղմոս ու Նարեկ: Շաբաթ մը անիկա չէր կրցած ուղիղ նայիլ հօրը աչքերուն: Հին մաքրութեան յանկարծակի այս այցը, ոճիրին իսկ աղիքին մէջը, կոտրեց պահ մը անոր թափը: Անոր ինկաւ նկուն վիճակը թանկագին ու անկանգնելի բան մը կոտրողին ու մնաց սուզուած, մինչ ափին մէջ գուբին կոթը կը կոտտար: Երկաթներն ալ սիրտ կ՚ունենան երբեմն: Մո՞ւկ էր ճուաց, թէ դուրսէն, գիշերային թռչուն մը դպաւ ապակիին: Օտարին մուտքը ստըրջանքի այս պահէն ներս ունեցաւ անհրաժեշտ անդրադարձը: Անիկա վճռապէս գիտէր, որ պարտաւոր էր բանալ դուռը, ազատելու համար առնուազն մուկի սա թակարդէն: Երկաթը խոշտանգեց փականքին կամուրջները, ճեղքեց փայտին եւ պողպատին միացման գիծը: Պրկում մը` ու կղպանքը տեղի տուաւ: Նալպանտենց Սերոբը չէր կասկածեր, որ հնօրեայ կոպղէքը փոխանակած ատեն եւրոպական ապրանքով, վիրաւորած էր տախտակին մարմինը: Չդիմացողը ան էր: Փականքը փլաւ ա նոր ափին մէջ: Ու ասոր անկումը դուռը բերաւ ետ, ինքնաբերաբար: Մուկէն վախցող հաճի Աննան դուռներուն ծխնիները կ՚եղէր, ազատելու համար ականջները անոնց ճռինչէն: Առանց փոքր իսկ ճիչի` դուռը գնաց կռնակին: Հազիւ թէ ոտքը դուրս, մեծ սրահին մէջ, զգաց, որ ձայն կար: Ու այս զգայութիւնը ոգեւորեց զինքը: Իր մէջէն պոռացող ձայնին ուժգնութիւնը զինքը ըրած էր ճշմարիտ «կաթսայ» մը: Զովութիւնն էր միջամտողը, իր զգայարանքները զետեղելու համար իրենց հունին: Հաճոյքով մտիկ ըրաւ, ուրախ` որ կը խառնուէր դուրսի կեանքին: Ձայնը կու գար պառաւին սեն եակէն: Պարզ իր ականջին երկարումը ապահովցուց զինքը ուրիշի պակասովը: Յառաջացաւ անիկա դէպի անոր դուռը: Տախտակները այրեցին բոպիկ իր ոտքերը: Ինչո՞ւ նոր զգաց ատիկա: Բայց ո՞ւր, կօշիկները: Նեղուեցաւ յիմարութեանը համար, վասնզի յիշեց: Պարտէզն էր թողած, սանդուխի ոտքին: Բանտի պատմութիւնները: այս կարգի անկարեւոր դիպւածները կը տանէին բարձր իմաստի: Գլխարկ, կօշիկ, ծխատուփ, թաշկինակ, լաթի կտոր աւելի երկիւղալի, էին, քան ականտես վկաները, որոնք կրնային կաշառուիլ, սխալիլ կամ հերքուիլ: Միտքը դրաւ, առաջին իսկ պատեհութեամբ, դառնալ պարտէզ ու անհետ ընել վտանգը: Այսպէս դասաւորելէ ետքը ինչ որ պիտի կատարուէր գուցէ ժամեր ետքը` անիկա դիմաւորեց իրականութիւնը: Տէր` իր ջիղերուն: Հեռու` ոճիրին մղձաւանջէն: Պարզ, որոշ, կտրուկ: Կոկոզած` ըլլալու համար աւելի մօտ տախտակամածին: Նոյնիսկ տալու չափ ականջը տախտակին: Մաքսանենգներն ու որսորդները այդ ձեւով ձայնը որսալու շատ դրուագներ տուած էին անոր անգիտակցութեան: Լսա՞ծը: -Հեծքեր, շարժումի փոքր կտորներ, բոլորովին յստակ, իրենց ուղղութեան գիծերովը: Դաշտի աշխատողները ունին բացառիկ ականջ ձայնի լարերը ճշդելու ու տեղաւորելու: Խուլ թաւալում: Տեսաւ, որ երեք ուղղութիւններ կը պահէր իր ականջին հասողութեանը տակ, - սանդուխը, որ բակէն փողոցէն կը խօսի: Դո՛ւռը, երկփեղկ, ճակատէն, ուր Նալպանտենց Աղուորը, ա՜ն` որ այս առտու ուրացեր էր զինքը, եւ անոր էրիկը կը պառկէին: Ու աջին` պառ աւին դուռը, որ կարեւորագոյնն էր այդ երեք ուղղութիւններուն: Աւելի որոշ ու լայնկեկ ձա՛յն մը: - Մէկն էր, որ կը շրջուէր մէկ կողմէն միւսին: Սողոմենց տղան անծանօթ էր Նալպանտենց անկողիններուն, չորս հատ վրայէ վրայ, ուր պառկողը կը թաղուէր, տառացի կերպով: Ու անոր այցելեց առաջին անկողինը Նալպանտենց հարսին: Աչքին տունէն լոյսեր թռան պատկերին զուգահեռ: Կատարեալ արարողութիւն էր անոր մէջ դառնալ մէկ կողմէն միւսը, երբ մարմինը ըլլար գէր կամ տկար: Դարձող կոյտը պառաւինն էր: Սողոմը կը ճշդէր, տպաւորութիւնը կը կշռէր ու կը զետեղէր: Առաջին վայրկեաններուն ոճրագործը լայն է ու խաղաղ: «Նալպանտենց հունտը կտրելու» երդումով կապուած սա տղան ուրկէ՞ սկսէր պիտի իր մահացու աշխատանքը: Մտաբերեց վայրկեան մը կրակել ու փախչիլ: Բայց նոյն րոպէին իսկ արհամարհեց իր յիմարութիւնը: Տախտակները յարդ չէին, ոչ ա լ պատերը չոր խոտ: Հապա մէջիննե՞րը: Բանտին մէջ կրկնուած իմաստութիւնն էր, - չաճապարել: Բակէն հաւ մը, իբր թէ ճեղքէ մը, պատռեց մութը ու խօսեցաւ, սուր ու կճան, ա՛յնքան` որ նախապաշարումին ալ նպաստովը, որ խօսող հաւերը չարագուշակ ու կորստաբեր կը նկատէ, մազերը եղան փուշ-փուշ: Անոր յաջորդեց մլաւիւն մը, լայն, խոր, ամբողջ տունին ընդերքէն ըսես բխած, ուր բանակ մը կատու սխալ չէր կարդալ: Նոյն րոպէին, սանդուխի կողմէն, մութը դիւային բան մը եղաւ: Մէկը ըսես դրաւ անոր մէջ զոյգ մը կանանչ կրակ, տժգոյն, իրարմէ քիչ բաց, նիհար մոմի լեզւակներ, պահէ պահ աղօտ, բայց անկայուն, փոխելով ձեւ ու ծաւալ: Մո՞ւթը կը ծնէր այդ օձի կտորները, որոնց մէջէն լոյսը ատանկ կը հեւար ու կը դողար: Յանկարծահոս սարսուռ մը - վախը շատ արագ կը թաղէ իր ետին իր ուղեղային մասը, յայտնուելու համար իբր բնախօսական, այսինքն` մեր կամքէն անկախ երեւոյթ - թօթուեց զայն: Վժացին ականջները: Ոտքին տակ, կակո՛ւղ, տախտակը: Բաւական ժամ հոլովեր ու ժամագիրք էր կարդացեր անիկա, ու լսած` մեղքէն ու անոր բիւրազան ձեւերէն, Յայսմաւուրքի ընթերցուածնե րով, որպէսզի իր գերագրգռութեան մէջ չըլլար ենթակայ պատանութեան ուժգին այն զգայութիւններուն, որոնք սարսափին, մեղքէն սարսափին ճամբաներէն կը հաւաքուին մեր անգիտակից եսին խորը ու կը պահեն իրենց թարմութիւնը մինչեւ դուռները մեր հասունութեան: Մօտ էր անիկա լուծուա ծ միսի պէս թափելու գետին, եթէ չկրկնուէր մլաւիւնը, որ կը խորտակէր վախին կապերը ու անոր կը դարձնէր իրականութեան զգայարանքը: Կատո՛ւն: Տունինը` քանի որ իր սրունքներուն վրայ անոր ստեւէն կակուղ գգուանք մը կը սահէր, պոչը անդադար վեր-վեր, հասնելով երբեմն երեսներուն: Երկարեց ձեռքը անոր գլուխին: Բոմբոնն էր, մռլտուքէն ծանօթ, ճիտին դեռ ունենալով բուրդէ գեղեցիկ բոժոժիկը, թաղեցիներէն անունը առած Նալպանտենց հարսին, անոր պէս սիրուն, լեցուն, նազոտ, բայց բազմածին: Կ՚ախորժէր անկէ Սողոմը, ատենին, ընդունելով չորքոտանին իր անկողինը ու դողալով հարուստ անոր մոշտակին վրայ, ուր կ՚ենթադրէր հոտը, հանգչա՛ծ, Նալպանտենց հարսին, որուն կրունկներէն անբաժան կը պտըտէր անիկա գիշեր ու ցերեկ` եթէ սիրային արկածներու շրջանը դադրէր: Ու անոր մուշտակը, սա դժուար պահուն, խառնուած` հոտի, պատկերի, ու օ ր մը առնուած ու պահեստի նետուած զգայութեանց, զարմացնող դիւրութեամբ մը կը շինէր անոր անցեալին շատ որոշ կտորները, հոգով մը, արցունքով մը կամ ուրախութեան ծուէնով մը շրջանակուած, ու ինկած` ծովին մէջը ներկային: Նայեցէք ամէնքդ ալ ձեր ետին ու պիտի գտնէք այդ մանրուքներէն: Անհաս են միտքին ճամբաները: Ի՞նչ գործ ունէր այդ կատուն հոս: Հոտ առած` անշուշտ քանի որ ձգեր էր սիրուըտուքի հանդէս մը խցիկին տանիքէն ու վազեր վեր: Անիկա յիշեց լսած ըլլալ կատուներու ժողովը, երբ անձրեւմուտին կափարիչը զբաղած էր մաքրելու հողերէն: Ու կը դառնար կակուղ անասունը տղուն չորս բոլորը, իր մռլտուքը վերցուցած սովորականէն վեր աստիճանի մը, ա՛յնքան` որ մարդու ներկայութիւն գուժող բան մը կ՚աւելցնէր տեսարանին: Մտածե՞ց, թէ ուրիշ մղումի մը հնազանդելով դպաւ անասունին, ցաւցնելու չափ, որ այս անգամ ուղղուեցաւ մառան, մուկերու կայսրութեան այդ արգելափակ քաղաքը, ուր օրով արտօնուած էր մուտք ունենալու: Հոն, անոր մլաւիւնը եղաւ ողբական, առատ, լեցնելու ու դողացնելու չափ ոճրատիպ լռութիւնը սրահին ու յորդելու համար դէպի փակ սենեակները: - Մերե՜թ, - շշնջաց անիկա ու խոյացաւ դէպի մառանը: Անիկա չէր զգար աղմուկը իր քայլերուն, որոնք ըլլալու էին չափէն վեր, ու վտանգող` սա ահաւոր լարումին մէջ: Չկար կատուն: Գուբերուն տակովը, խորշէ խորշ, մարելով ու վառելով նեղ կրակը իր աչքերուն, կատուն կը շարունակէր նուալ: Առաստաղէն բաց մո՞ւտքն էր զայն անհանգիստ ընողը, թէ ընկերները հրաւիրելու նազոտ ռազմավարութիւն մը: Արդարեւ, նոյն պահուն, սանդուխի գլխուն նոյներանգ ուրիշ ձայն մը, ու երկու աչքի կտորներ: Յետոյ` ուրիշ մը: Յետոյ` չորրորդ մը: Մռլտուն, անհամբեր, վարանոտ: Ամբողջ այդ խժլտո՛ւքը: Ու բաց խփումը անոնց գիծէ աչքերուն, լայնցող ու նեղցող, անհանգիստ խառնակ ու բզկտող կճրտումով մը: - Կատուներու հարսնի՜ք: Ծիծաղեցաւ Սողոմենց տղան, բայց չընդհանրացուց: Բոլորին ալ կոկորդին մէջ կը կարդացուէր խուլ ու եղերական անհամբերութիւնը, որով կենդանիները կը հանգիտեն սեռային գործողութիւնը: Ատենը գտա՜ծ էին շանզաւակները: Սխալ կը մտածէր սակայն: Կատուներով ստեղծուած այս իրարանցումը, տագնապն էր, որ տարօրինակ կերպով դիւրացուց գործադրութիւնը իր ծրագրին: Ափը դաշոյնին կոթին, որ սառի պէս պաղ թուեցաւ իրեն, նոյնիսկ միակ պաղ բանը շուրջէն ու վրայէն, քանի որ քուներէն հեղուկ կրակ կը հոսէր` անիկա դարձաւ սենեակները: Ու դարձաւ թեթեւ, թօթուըւած, բոլորովին ազատ մեղքէն ու խայթէն: Րոպէ մը միտքը թուլցաւ արտասովոր պրկումին տակ, որով մարմինը կը տիրեր շարժական, դէպի քայքայում հակած իր դիրքին: Պարապ նոյն ատեն, այդ միտքը, որ չէր այցուեր ընելիքին, հեռանկարին, թափուելիք արիւնին ու արձակուելիք հրդեհին պատկերներէն, բոլորն ալ մէյ-մէկ պահարան բանտուած մահավճիռներու նման, վրայէ վրա՛յ խորը անոր ուղեղին: Մէկը նստաւ անկողինին մէջ: Այդ շարժումին հեծքերը աղմկեցին ու խ ոշորցուցին լռութիւնը: Դաշոյնը դուրս էր պատենքէն, ու դուրս` երկաթի պէս դէգ բազուկի մը ծայրին: Շունչը բռնած` փակաւ անիկա, լման հասակովը պառաւի դուռին: Լռութիւնը սեւ հեղուկի մը նման կը պճպճար անոր քունքերուն ու չեղող զանգակէ մը ինչպէս կը ժայթքէր կամարներուն տակ անոր ուղեղին, հիմա ընդարձակ պալատ, որուն դուռները կը բանար իրեն նման ուրիշ գող մը այս ռազմագիտութեամբ, այսինքն` թողելով, որ բացուէին անոնք ներսէն ու թաթը կատուի մը ճիրանին նման իյնար դուրս ծռող գլուխին: Խոր ապահովութիւն մը ու արիւնի ծարաւ մը իրար լրացնէին անոր մէջ: Պառաւին այսքան մօտիկ, գրեթէ լման ընկղմած իրմէն հոսող ոճրային հեղանուտին մէջ` անիկա յստակ գծեց իր ընելիքը, փայլակնաձեւ ուրուադրումով: Ոճիրին որոշումէն յետոյ, ձեւին վրայ ալ սա վճռական կաղապարումը բերին անոր լայն ու պաղարիւն ազատութիւն: Բան մը դպ աւ անոր սրունքներուն: Պո՛չն էր Բոմբոնին: Այնքան հեշտ, որ անիկա սարսռաց, կարծես զգալով բերանը Նալպանտենց հարսին: Ու մառանը դէպի, հատ-հատ, սանդուխին միւս գլուխէն ողբանուագը կատուներուն, խարտոցի պէս խիստ, խառնակ, մեծաղաղակ: Տունը լման թունդ էր ելեր այն եղերական երաժշտութեան մէջ, որով, ձմեռ գիշերներուն, ձիւնէն ետքը, տանիքները կ՚ըլլան այլապէս երկիւղագին…: Ներսէն դարձը բանալիին, մանրուք երկաթի պէս, քսքսուած մութին մեծ քարին: Կատուները քարացան: Բայց անոնց աչքերը լոյսի եռուն կտորներու նման, կ՚աւրուէին ու կը շինուէին, շուտ, կարծես մութէն ծնած լուսէ ճճիներ որոնք սողային խաւարին սեւ մարմարին վրայ: Անիկա յիշեց զարհուրելի պատկեր մը: Անապատին մէջ Աբբա Մարկոսին, թէ Հայր Անտոնին քարայրէն - անունները զոյգ կը տեսնէր ու չէր գիտեր պատճառը -, երբ մութին վրայ կը շինուէին աչքերը հարիւրաւոր շնագայլերու, յետոյ` դէմքերը, յետոյ` փորոտիքը, ու ասոնցմէ` երկարաձիգ խողովակ մը, որ մէկ ծայրո՛վը կը յանգէր դժոխքի բերանին ու կը քաշէր ջրհանի մը նման, սանդարամետէն կրակը ու կը թափէր խաւարին վրայ փերթ-փերթ, թանձրկեկ բաներ, այրող միսի սուր հոտով մը ա ռաջանալով դէպի բազկատարած աղօթողը, լղելու համար բորոտած, որդնոտած անոր ծունկերը, ամիսներով ծնրադրելէն աւազին ու կոպիճներուն վրայ…: Հին յեղում մըն էր ասիկա, որուն իրադարձութեանց կարգ մը մասերը կը շեղէին « Վարք սրբոց »ի նուիրագործուած պատմումէն, ու ատով` գտա ծ աւելի լայն ծաւալ, պաշտպանուելով, հերքուելով, ու նման ամէն հերքուածի, ստեղծելով կռիւ ու շատ-գիտցուկ տգէտներուն մէջ, բորոտներուն քսուած ու հրեաներուն հետ վէճի բռնուած մարդեր: Ներսէն քաշուեցաւ ետ ապահովութեան մղլակը, թեթեւ ճռինչով ու գէշ վէրքով ձայնոտ կոկորդէ մը ինչպէս: Արագ անցաւ պատկերը Մածունենց Մածունին, որուն ձայնը կտրտեր էր վէրքը, որ գեղերուն մէջ «գէշ» կ՚որակուի, եւ նորերուն մէջ` սիֆիլիս: Այդ ձայնին հետ համագիծ` Սողոմին մարմինը հրած էր դուռը ներս: Կատուի շատ հզօր ճիչ մը - Սողոմը կոխած էր Բոմբոնին տոտիկի ն - գրաւեց պահը, յաղթեց պառաւին կանչին, որ չկրցաւ ամբողջանալ անոր կոկորդին մէջ: Տղուն մատները իրենց օղակին մէջ թխմած էին իւղոտ ու թոյլ միսի այդ կտորը: Անոր ուղեղին ցաթեց յանկարծ, ու նոյն ակնթարթին աւելցաւ բազուկներուն պատկերը բանտակից տղուն: Ու իր մատներուն մէջ խորշոմոտ այդ մորթը վերածուեցաւ ողորկ այն բանին, որ նկարուած էր թուրք պատանին, ան ալ օղակած վիզը գէր ու կատղած կնիկի մը: Ի՞նչ արագութեամբ մէկ պատկերէն միւսը այս անցքը կ՚ունենար տեղի ու երկու զգայութիւնները կը համախառնէր: Պատանին տուած էր այդ միսը պատկե րին տակ մետաքս ու իւղոտ կծիկի մը, որ չի սեղմուիր մատներուդ մէջ ու կը յորդի ճեղքերէն: Նոյն ատեն այդ կնիկին կատղած սեռն ալ անցեր էր անոր ջղային կեդրոններէն ու զգացած հզօր տռիփը, որ հզօր էր բաւական` մայրը խղդելու չափ անոր արգանդին մէջ ու խլելու արուն իր իսկ աղջկան բազուկներէն: Պէ՞տք ունէր Սողոմենց տղան մտապատկերի սա նպաստին: Թերեւս: Անոր մորթը խտղտեցաւ իր երեսէն: Ան զգացեր էր շունչին ջերմութիւնը, օդ գտնելու համար ինքզինքը պատռտող ու ձեռքերը գործածելու անկարող պառաւէն: Բայց երբ կապուած էր կոկորդը, ոտքերը կ՚ընէին օգնութեան կանչը: Սողոմը ծունկով զարկաւ գէր անոր զիստերուն: Սպաննե՞լ: Չէր մտածեր անոր: Ո՞վ բերաւ անոնց շուրջը հոգեվարքի ծանրութիւն մը: Հոգեվարքը գեղին մէջ կեանքին հզօրագոյն եղելութիւնն է: Մահամերձին վերջին շունչէն մասեր, աւանդութեան մը համաձայն, հոգին է, որ կը փոխադրեն մարմինէն դուրս, ու հոգին որքան ալ թարախոտած մեղքին վէրքովը, մաս կը կազմէ Աստուծոյ: Սովորութիւն է զգուշանալ ընդունելէ իր երեսին, ելլելիք հոգիին սա շփումը: Բայց թուրք տղան ոլորեր էր ուժգին: Ու կ՚ոլորէր տակաւին Սողոմին ալ բազուկներով հաճի Աննային վիզը, եղի տիկ մը կապելու չափ ուժ փոխադրելով անոր մատներուն լծակին: Որքա՞ն երկար էր տեւած այդ գալարումը: Ու նման զգայութիւն մը անիկա չունէր ատկէ առաջ: Պառաւը թուլցաւ, իջաւ իր ծունկերուն` ինչպէս սիւն մը, կործեցաւ քովնտի, երկայն ու ծանր տակառի մը նման: Շրջ ած սափորէ մը ինչպէս, ինկած տեղէն, հոսուն հեղուկը յիշեցնող փոքր ու ընդյատակի շարունակուող աղաղակի՛կ մը, խաչաձեւուած քանի մը կցկտուր հռնդիւնէ: Հոգի՞ն էր, որ կը փետտէր իր թեւերը մարմինին ուռկանէն ու ցեխէն: Բայց ձայներ կային, բաբախող` տախտակամածին վրայ, ոտքերու քսքսուն զարկով մը, ինչպէս մորթուած հաւէ մը: Թեւերու, կուշտի, կռնակի սօսափ մը, անկողինին վրայ ճնշումէ մը առաջացած: Երբեմն մեր մարմինը կը զգայ անլուր բաներ: Ու կը լսէ լռութիւններ, որոնք կը փորեն մեր գանկը, ոսկի ուրագ մը ինչպէս պիտի ընէր մեղքի թաղարէ մը: Դիտեց, որ մատները չէին քակուած իրենց աղեղէն: Դիտեց, որ կուրծքը կը քսուէին հաճի Աննային լիխպ ծիծերուն, գարշագին ու մեռելի՜: Դիտեց, որ ափերը իրենց կեդրոնին վրայ որոտագին զարկ էին ու կը կոտտային, ձայն ելած բերաններու նման: Խոշոր թօթուըւու՛ք մը, որ ցնցեց ամբողջ սենեակը: Սողոմին մատները փրթած էին իրենց աղեղումէն: Կարծես մէկ բաժնէր ցուցամատին ու բթամատին եռանկիւնին կողերը ու նետէր հեռու: Գորո՞վ, յուզո՞ւմ, մահուան թեւերուն եղեա՞մը, որ մեռելին շուրջը կը պաղի ու մեր սիրտը ջուրի կը վերածէ այնքան դիւրաւ: Հզօր կսկծանք մը զայն մօտեցուց պառկողներուն, պառկողին տանջանքին: Ի՜նչ օտար էր սակայն անիկա գութին, որ տկարութիւն է այնքան յաճախ: Ի՜նչ օտար էր անիկա ատելութեան, որ տկարութիւնն է ուժին: Անոր աչքին մօտերէն կրակներ թռան ու մարեցան: Ու լռութիւն: Պառաւին մարմինը դադրած էր իր հեծկլտուքէն, դադրած այն ցած շշուկէն ալ, որ շարժումի պակասէն կը գծուի ու զայն կը փոխարինէ: Ինք տարօրէ՜ն յոգնած, բերնին մէջ մոխրի համով մը ու աղջուրի մէջ թթուած իր կոկորդովը: Սեմին, կատուներ, աւելի քան աղմկոտ, չկրնալով մօտենալ, ոչ ալ հեռանալ, քանի որ Բոմբոնը կը թափառէր քովերը անկողինին` ինչպէս կը յայտնուէր ատիկա, կրակի գոյն աչքերուն յարափոփոխ գիծէն: Բոմբոնին քիթը լեղի լացի նմանող մռլտուքով մը շրջանը կ՚ընէր պառաւին ոտքերուն, երգեցիկ, ու տպաւորիչ` ինչպէս գովք զրուցող կնիկ մը, փնտռելով հոգի՞ն, շու՞նչը ու չգտնելո՜վ: Յանկարծ հզօր ցանկութիւն մը Սողոմին մէջ, լոյսի՛, աչքի զգայութիւններու: Խորհեցա՞ւ, թէ ինչո՜ւ չէր կարելի լուցկի զարնել: Բայց չելաւ շարժումը մատներէն: Պառաւին հետ դէմ դէմի գալու վախը, թէ ուրիշ բան մը կ՚արգիլէր զինքը: Դուրսը, այսինքն` փողոցին վրայ, քսան քայլ վարօք, ք աղցուն եփելուն հերթը կ՚անցնէր հաց-եփ Մարթային: Ու եղան այն փոքր, սովորական բառերը, երկարումները, ժամանակի աղցուկ բաները, որոնցմով կը յօրինուի պարապ` բայց յարատեւ հէնքը կեանքերուն: Այսօր մեր աղքատութեան ներկը, վաղը մեր տարփանքին գոլը, ուրիշ օր մը մեր յիմարո ւթեանց աղուամազը պիտի թափենք այդ կտաւին վրայ, որ անխուսափելի կերպով ծեծուած ու ծեծուած տեւողութեան թակէն, ճերմկի պիտի ու կազմէ մեր յետնագոյն արդուզարդը, պատենքը, գերեզմանի մուտքին: Հէ՜յ յիմարութիւնը մեր բոլոր փափաքներուն, վասթուն տարիները հաճի Աննային: Որո նց օրերը ի՜նչ կարկուտէ կամ ոսկիէ կաղապարուած իբր մեռելաքար նետուեցան անդունդին մէջը սա երկարած միսին ու հատան, ինչպէս ճախարակէ մը, մատներու օղակին: Քաղցր քանի մը խօսք ալ բացին թեւ աշխատող Մարթայէն ու մութին ճամբովը յստակ, լուսաւոր հասան Սողոմին: Բայց այնքա ն պարզ, սրտագին այդ բառերը անկարող եղան Սողոմին արթնցնելու մարդկեղէն տարրը: Գուցէ երկարատեւ ձգտումն էր, որ ժխտական կ՚ընէր անոր հոգին, վանող` ամէն գողտր բանի: Գուցէ տարփա՜նքը, որ կը ղեկավարէր ամբողջ այս ողբերգութիւնը, Ուստիանին այգի դարձէն ի վեր: Յետոյ, երբ մենք կը մտնենք, արտասովոր, վճռական կացութիւններու մէջ, կը մտնենք ամբողջ, փակած դուռները միւս բոլոր կարելիութեանց: Գութը` ինչպէս վախը, մտածումը` ինչպէս հաշիւը տկարութիւններ են անոր համար, որ դուրը կը դնէ դաշոյնին քով, մէջքին` չուան ու լուցկին, ու մտքին` սպանդը, անասնական ու պարզ, ինչպէս պարտի եղած ըլլալ անիկա, դարեր ու դարեր մեր նախնիքներուն արիւնին մէջ, երբ իրար ուտելու համար իրենց պայքարէն ետքը, տաք-տաք կը բաժնէին միսերը պարտուածներուն: Խածաւ անիկա ակռաները ու անոր այնպէս եկաւ, թէ ամբողջ Նալպանտենց տունը կ՚աղար, փոշի կ՚ընէր ծնօտներուն երկանքին տակ: Արագ-արագ ստեղ կը փոխէր անոր միտքը, միշտ գիշախանձ լարերու վրայով: Ո՞վ դարձուց անոր մարմինը, որ թուլութենէն բոլորովին հեռու, խտութիւն մըն էր, կարծրութիւն մը, կարծես իր իսկ ակռաներուն տակ ընդունած այդ կշիռը: Բայց տարօրինակ էր, որ այդ պղինձը ծեծին տակն ըլլար խուլ, հեռաւոր ասեղներու, շատ վարերէն ուղղուած դէպի սիրտը ու ծակծկելով կակուղ խմորը, - միակ թոյլ մասը անոր մոլեգնած, խենթեցած հոգիին: Ակռաները կրկին աղացին, փրթած դաժան զսպանակէն, որ առաձիգ էր իրմէն` մինչեւ պառաւին մարմինը երկարելու չափ: Բայց ի՛նչ խեղճ բան էր ծամածը: Ծամա՜ծը: Ինչ կը ծամէ տասնութամեայ տղան, մօտիկը, քսանամենի կնիկի մը, որ անոր օրերուն վրայ ցաթեց անկարելի երազի մը պէս ու զայն ապրեցուց քանի մը գիշեր հեռու, դուրս մեր աշխարհէն: Անիկա մանուկի մը նման առքին, գինովութեան մէջն էր Նալպանտենց հարսին: Մա՞հը: Այսինքն` պորտէն կռնակը գտնելիք դաշո՞յնը: Յիմա՜ր: Ո՞վ ըսաւ, փսփսաց իրեն, թէ բաց էին անոր թեւերն ու ծոցը իր առաջին հարուածին: Ուրկէ՞ այս անտեղի ապահովութիւնը, երբ մէկուկէս օրէ ի վեր անիկա գրեթէ անասունի մը պէս, խելացնոր թափառեր էր հակառակին փաստովը: Ո՞վ կը սորվեցնէ մեզի ստուգութիւններ, կասկածելի, դիւրաբեկ, կիներու լեզուէն ու ծոցէն: Բայց պատկերը, հերքում ըլլալէ առաջ, պատկեր է մեր ներսը, այսինքն` փափկացում, կնիկի ծոց, խենթութիւն: Գաղջ այս նկարը գրեթէ կը հալէր իր իսկ քաղցրութեան տակ ու անոր ուղեղին մէջ հոսո՜ւմը գոյնին ու ձեւին: Մահով չափուած, մահուան վրայ տարածուող: Նոր անդրադարձաւ, որ քսանչորս ժամէ ի վեր անոր հոգիին կեդրոնական զգայութիւնը, գունաւորումը կու գար մեռնելու, մեռցնելու ոլորտէ մը: Ո՞վ ըսաւ իրեն, որ ծռի, ցած, մտիկ ընելու համար շունչը: Ի՜նչ պէտք ունէր փնտռելու սա զանազանութիւնը ընդմէջ մահուան ու նուաղումին: Ի՜նչ կ՚ուզէր մահէն: Բայց անիկա ստիպուած` բացաւ իր մտքին դուռը հիմնական միւս հոսանքին: Կատաղի կերպով իր ուզա՜ծը: Ա՛ն` որ զինքը նետեր էր հոգին տոպրակը դնելու խենթութեան ու տանիքներէ առաջնորդեր էր զինքը մինչեւ դուռը Նալպանտենց հարսին: Պառա՞ւը: Պատահական ու անխելք խոչընդոտ մը, որ պիտի քաւէր իր անխելքութիւնը: Չկար պառկողին վրայ շունչ: Շօշափեց երեսները, - կիսաջերմ, գրեթէ բնական, կնիկի, թոռմած ալ: Ո՞ղջ: - Այսինքն գոցած` քիթը, առակին որսորդին նման, արջու ցռուկին ներքեւ: Ինչպէ՜ս ընկրկեցաւ հաւանական, թերեւս իրաւ այդ բանէն: Այս տարտամէն` վերադա՞րձը դէպի բռնութիւնը իր սիրոյն: Որքան յստակ զգաց, որ եկած էր հոս, միայն ու միայն Աղուորին համար: Բայց զգացումէն դուրս բան մըն էր իր մէջ ատիկա: Անոր տարփանքը հետեւած էր, կը հետեւէր անոր, ինչպէս ամպի մը թեւէն իր թռիչները ամփոփած գիշակեր թռչուն մը, որ կ՚ընտրէ վայրկեանը ու կը նետուի որսին: Ինչպէ՜ս այրած, մաղմաղ այրած կարօտով մը անիկա կը գալարէր ո՛չ թէ բազուկները, այլ` իր ամբողջ առնութիւնը, ուզելով, թուրի մը բերնին ուժգնութեամբը, ներսի հարսը: Կոկորդին անցքով այդ յուզումը մեղուի բուռն խայթում մը եղաւ, որ ակռաներուն տակը փուշ-փուշ մխուեցաւ: Անիկա չզարմացաւ, երբ այդ գիծով գտաւ ինքզինքը փոխակերպուած բանտի իր ընկերին: Այդպէս էր պատմեր թուրքին տղան իր պապակը իր սիրածին միսէն: Այդպէս էր նկարեր թուրքին տղան ակռաներուն ցաւը, երբ սպաննելու համար խածեր էր սիրածին մայրը ու փրցուցեր պտուկները անոր ծիծերուն, ձիթապտուղի պէս լեղի ու փո՜ւտ: Փոխանակ խրտչելու` անիկա ապահովուեցաւ նոյնիսկ: Կը սպասէ՜ր արդէն այդ ուրուային նպաստին: Զգաց, որ դաշոյնը ափին էր ելեր: Ե՞րբ: Ու զգա՜ց շարժումը անոր վայրագ, ոճրային այն թրթիռով, որուն հանդիսատես էր եղեր քանի՜-քանի՜ անգամներ, գեղամէջի կռիւներուն, երբ գինովը կը նետուի ոտքի ու փայտ մը առնող մէկուն անփութութեանը հակառակ, որով կ՚երկննայ պատին անկիւնը պսակուող դանակին - կանգուննոց տեսակէն - ու մահատու հարուածին համար երկաթը, հանդարտ ափին կշռելէ ետքը, ակռաները փսոր-փսոր կ՚ընէ մխելու պահուն: Ո՞վ բռնեց այս պատկերը դէմը անոր աչքերուն, իր տեսարանին յատակովը, կնիքը առած տեղին, պահին ու եղանակին, շուքովը նոյնիսկ շէնքին ու պատուհաններուն, ա՛յն յստակութեամբ, ուժգնութեամբ ու խտութեամբ, որով կը զատուի օր մը դիտուած, ապրուած մեր մէկ պահը հարիւր անգամ մեր երեւակայածէն…: Յետոյ բռնուեցաւ անիկա մեծ տկարութենէ մը: Ըսես, ամբողջ իր կորովը, որոշումներուն կարճ հիւսքերը ձգած-թողած ըլլային, խուսափող մեղուներուն նման, իր միտքին փեթակը: Հատնելու, մարդկեղէնէն դադրելու յստակ գիտակցութիւն մըն էր ասիկա անոր մէջ: Զարնուած էր անիկա գերագոյն սեմին, ուրկէ անդին կը տարածուին ոճիրին ճահիճները, գաւառները, կայսրութ իւնը, սեւ, մութ, բայց տարօրէն կենդանի՜: Կան մարդեր, որոնք կը փնտռեն պղտոր այդ աշխարհը ու իրարու ետեւէ մորթելէ զատ, չեն ալ կշտանար…: Կրկին դողաց դաշոյնը, պարզ ու կրքոտ: Ու անոր բազուկը, անկարող դիմանալու, ինկաւ կուշտին: Դաշոյնը, սայրէն, մխուեցաւ բուրդին, մ իս ծակելու յայտնի բթութեամբ մը: Նոյն ատեն տաք ջուրի թելեր կ՚ուղղուէին դէպի սրունքները, արագ-արագ ծծելով անոնց ուժը, ա՛յնքան` որ ստիպուեցաւ նստիլ: Ու անոր ծունկը ցաւի գունտ մըն էր, տրւած փոխ: Մարմինին բեռը խախտեց անկողինին հաւասարակշիռ դիրքը: Պառաւն էր շարժ ողը, շրջողը, ըսես փաթթուելու համար անոր իրանին: Ու մերկ անոր սրունքները քսուեցան ցաւով թրթռուն Սողոմին ծունկին: Դաժան ու սուր այդ զգայութի՛նը, պաղ ու մեռել: Մեռե՞լ: Մտածեց անիկա: Անշուշտ չէր խղդած, չէր կրցած: Այդքան սո՞ւտ բան մը զրահը մեր միսերուն, ու այդքան փխրո՞ւն կաւը մեր սիրտին: Ու անոր մտքին մէջ բացին պատմութիւն մը, մօտի գեղէն, ամիս մը առաջ պատահող, որուն մէջ պառաւ մը, ճիշդ ու ճիշդ խղդուած ո՛չ թէ մատներու օղակով. այլ` ձիուն չուանով, ողջունցեր էր առտուն ու տուած անունը երիտասարդին, որ տանը ծխնելոյզէն իջ եր էր վար, ու հարսին ծոցը լուսցուցեր ատ գիշերը, չուանը նետած պառաւին երեսին: Պիտի քաւէր հիմա այդ երիտասարդը իր անխելքութիւնը, դանակը խնայելու ասպետական անխելքութիւնը: Քաղցր տղայ մըն էր, հազիւ պեխի մը ստուերովը, որ կը ծեծէր գլուխը քարին ու կ՚անիծէր եօթը հոգ ին պառաւներուն: Այս պատկերին հետ միւսը, ընկերը, որ, խղդելէն ետքը, խելքն էր ունեցեր ակին իջնելու, սիրտին ակը: Երկու օրինակները գօտեպնդեցին զինքը: Ստոյգը ա՛ն է, որ մեր միտքը ընկալչութեան ու ընդդիմահարութեան քմահաճ պահեր ունի, որոնց ընթացքին կ՚առնէ անհուն դիւ րութեամբ ինչ որ ուրիշ պահու մը մերժէր պիտի նոյնքան հզօր ընկրկումով մը, հերքելով ինքզինքը, ինչպէս օրէնքները գիրքերուն: Ոճիրը ուսումնասիրողներ կը սիրեն, անոր իբր ոլորտ ու բարեխառնութիւն, տրամադրել զգայախաբական մշուշ մը, որ կը մանրանայ ու կը ժանգահարէ մտածման, այսինքն` տրամաբանող մեր կեդրոնները: Բայց կը մոռնան բանալ բաւիղները այն միւս խորութիւններուն, անձաւներուն, բիւրազգի ու անայց, ուր կը քնանան ուրուականները մեր պապերուն, բիւրեղացած, բայց ողջ` իրենց ցանկութեանց աղեղին վրայ: Այդ անդունդներէն է, որ դուրս, դէպի գործ կը մղուին դարերու անբաւ կարաւանը, տեւողութեան այն յորձանուտ հոսանքը, որոնց թեւերուն վրայ, նախնական կայլակը, այսինքն` արիւնը, զոր կը կրենք հիմա, հազար-հազար ոճիրներու, զարկերու լափլիզումի մէջ նետուած աջին ու ձախին, ամէն մէկ ումպի լակ 6 մը ապականութիւն, կուսութիւն ու շարաւ շալակած կու գայ մինչեւ մեր օրերը: Սողոմենց Սողոմը, այսինքն` արդար Հայրապետին տղան ոճրագո՞րծ, ծնունդով: Բայց ո՜վ չէ ատիկա, առնուազն իր միտքէն: Ամէնէն անգութ դպրոցը բանտն է, սպանդին ու մեղքին այդ ջերոցը: Մարդէ զանազանութի՞ւն: Կայ ատիկա: Ու ատով` կարելի ապրիլը, իր այժմեան ձեւով: Գազաններու սերմը կը կրենք բոլորս ու նման ամէն սերմի կ՚այլասերինք: Ոճիրը հոգեկան դնդերի հարց է գուցէ: Արշաւ մը դէպի դարերը, որոնց մէջ անիկա գերագոյն վայելքն էր յաղթողին: Եթէ ազազուն մեր ջիղերը դժուար կը տանին սպանդին պատկերները, ուրիշներ, ամբողջ ցեղեր երբեմն անով կը ջրդեղեն իրենց ջղային դրութիւնը: Ոմանք, անշուշտ, պիտի կասին զառիթափին, մատնուած իրենց ուժերէն: Նուազ ոճրագործ չեն ասոնք: Ոմանք քալեն պիտի: Ու նոյն օրէնքները չեն իշխեր հոգիի այս միսին ու մարմինի միսին վրայ: Զուտ իմացական այս լիութիւնը, ոճիրին մէջ իրենց առաձգութիւնը պահպանող մեր ջիղերը պայմանաւոր ալ չեն մարմինին տուրքերովը: Ազազուն, սատկած կնիկներ գիտեմ, որոնք ժամերով ուժ գտան իրենց էրիկները կապկպած պահելու, սաւաններէ յօրինուած պարաններու մէջ, մինչեւ իրենց տարփածուներուն ժամանումը…: Սողոմենց տղան վերադարձաւ իր մռայլութեանը, սառնութեանը, ա՛յն պղտոր, գոլուտ վիճակին, որ անոր ուղեղինը կ՚ըլլար, երբ երգէն յետոյ, իյնար ինքնիր վրայ, մարած կրակի մը պէս, ընկրկուն ու խեղճ: Այն ատեն անիկա նեղ կը գտնէր աշխարհը: Կոկուեցան բոլոր իր թուլացումները, ինչպէս կը դիտուի ատիկա ձիւնի փաթաթէն անցած ձեւերու մօտ: Ի՜նչ դիւրաւ, ի՜նչ բնական, իբր թէ տարիներ առաջ անոր մտքին մէջ կարգադրուած, ծրագրուած բան մը ըլլար ատիկա, «իջաւ անիկա ակը»: Չգոցեց սակայն աչքերը, չնմանելու համար ուրուականին, որ դուռէն դուրս գիծ-գիծ ինքզինքը կը հաւաքէր ու կատուի աչքերով կը վառէր ու կը մարէր դիմակը: Չմտածեց ալ, ո՛չ թէ ատեն ու տրամադրութիւն չունենալուն, այլ հովանաւո՛ր` հեռու, բայց անխուսափելի պատկերով մը, որմէ կ՚առաջնորդուէր անիկա գեղը ոտք կոխելէն ի վեր: Դաշոյնը մխելէ առաջ` անիկա Նալպանտենց հարսին հետ ծոց ծոցի էր, գլխուն` սատկելիք պառաւը, որ աշխարհը ոտք հանելու չափ կ՚աղաղակէր…: Բարկութենէն վեր բան մը վարեց անոր բազուկը: Ինչպէս, ադ մութին, գտած էր ձախ ստինքը ու ասիկա, շօշափակի: Ձեռքին միւսը, դաշոյնէն առաջ, թաշկինակը գունտի վերածելէ յետոյ, թխմեր էր պառաւին բերնին, - դասական` ընտանի ասպատակներուն, որոնք արիւնէն աւելի դրամը կամ հաճոյքը կը հետապնդեն: Պիտի չգիտնար, թէ ինչպէ՛ս մխած էր դանակը: Կեցաւ սակայն: Դաշոյնին կոթէն ինքնաբերաբար, թէ ուրիշի մը միջոցով, քաշուեր էր իր ձեռքը: Ակնթարթի մէջ անոր շուրջը շինուեցաւ բանտային թրթիռը: Ամի՜ս մը. այդ ժամանակը բաւ էր եղած, որպէսզի գեղին գառնուկը, ժամուն «պիւլպիւլ» տիրացուն հիւրընկալէ, ընտելէ ու իւրացնէ իր մէջ ան միւս արարածը, գիրքերուն վամփիրը, որ մարդու տարազ գիտէ հագնիլ, իր գիծերո ւն տակ թաղելով, վարագուրելով սկզբնատիպ անասնութիւնը, հաստ, մռայլ, բզկտող, ու կեանքի առօրեայ հանդէսին մէջ իր պատկերը կը կրէ, դիմակէ մը աւելի սերտ ու վայելուչ: Դիւրաւ պիտի չհասկնան մարդիկ, թէ ինչպէս, ո՛ր ճամբաներով, դէպի ոճիր ու ապականութիւն կը մղուին իրենց զաւակները, մէկ ամիսէն միւսը լքելով հօրենական տունը ու ցեխին նետելով իրենց վրայ զետեղուած այնքան գեղեցկութիւններ: Կայ այս աղէտը: Մեծ քաղաքներուն մէջ ըմպելին ու կինն են անոր ռահվիրաները: Գեղին համար անիկա ձեւը կ՚առնէ ճակատագրին ու կը գործէ Սողոմենց տղուն ճամբովը: Որ, տեսած եմ ասիկա, սրտի անհուն սեղմումով, զլացուած կոճակի մը, կամ անմեղ կատակի մը համար կը կապուտցնէ խելօքիկ տղան, զայրոյթէն, որ կ՚ընէ զայն փրփրած, անգութ, վագրէ մը աւելի, վեր ու վար շարժելու չափ դանակին սայրը ինկած զոհի ընդերքին: Անոր այն ձեռքը, որ դանակը մխած էր պառաւին սիրտը, կ՚այրէր աւելի, քան միւսը: Ստիպուեցաւ բաժնել զայն աղէտէն, որ տաքցեր էր ափէն: Ու լքումէ՛ն անդին, այսինքն` դատարկութի՜ւնը թափուած արիւնին: Այն ատեն էր, որ հարցուց, - ինչո՞ւ սպաննած էր: Գետինէն ոչ մէկ աղմուկ: Բաղդատեց մտքէն հաւու մը մորթուած վիճակը սա լռութեան հետ ու բանաձեւեց արհամարհոտ ծամածռութիւնը, - հաւո՜ւ չափ ալ սիրտ չունէր Նալպանտենց հաճի Աննան: Բակէն ոտք մը, որ ցատկած էր: Անշարժացաւ: Իրեն այնպէս եկաւ, որ կը վազէին դէպի սեմը դուռին: Կը վազէի՞ն, թէ կը վազէր: Շփոթութիւնը պարզո ւեցաւ սակայն: Այս շարժումին մէջ, որ խուլ եռեւեփ մըն էր անոր շուրջը ու անշուշտ անձայնութիւն ալ, անիկա զգաց ուրիշ մը, որ վազեր էր իրեն մէջէն, իրեն հետ, իր արի՛ւնը այսինքն, քիչ մը ետ մնացած: Այս խուժումը կեցուց զայն, քիչ մը հակած դէպի սրահ, բայց մագնիսէ մը քաշուած պառաւին մարմինէն, ծանր` քան մինչեւ այդ րոպէն անոր ունեցած բոլոր զգայութիւնները, որոնք բեռի մը, կապի մը պատկերովը կը մնային իր մէջ: Ու անոր ծոծրակի փոսին մէջ կը հեւար բան մը, դէպի ուղեղը ու դէպի ոտքերը, կոտտացո՛ղ, ջերմ ու խոշո՛ր: Կատո՞ւն ու անոր մռլտո՞ւքը, թէ ուրիշ բան, որ խածնէր զինքը ատանկ ծոծրակէն ու տանէր ինչպէս կը պատմէր հեքիաթը կարգ մը ոգիներու մասին, երբ կը գողնան փեսին ծոցին կնիկը ու տեղը կը ձգեն ճռզած, հիւանդ մարմին մը, իրականը տանելով իրենց քարայրները: Կատո՛ւն: Այս անգամ շան մօտիկ ոռնոցով մը, իր աչքերուն շէկ գիծերը ընելով ու փլելով: Անոր ջիղերուն կարծես ապակի քսեցին: Բանտը կը սորվեցնէ, բայց դժուար կը մոռցնէ: Չի մոռցներ մա՛նաւանդ ինչ որ սորված ենք մեր մօտիկ պապերուն ճամբովը: Վախ չունէր սակայն: Հրեց ամուր, աքացի, երբ կատուին մուշտակը քսուեցաւ սր ունքին: Կենդանին թաւալեցաւ, բայց չկըտրեց իր ճուոցը, ընելով զայն աւելի չարագուշակ, ողբերգու: Տո՛ւնը` տուն, զանգուած ու գոց, ծածկելով իր մէջ սպանութիւնն ու տարփանքը, գուցէ նմանելու համար միւսներուն, անոնք ալ գոց մութին մէջ ընկղմած, ինչպէս փտած պտուղ մը, որուն ծոցին պտզիկ անուաշարքը զետեղեր է մեղքին ճճին ու կ՚աղայ, խուլ ու անդուլ: Ի՞նչ գործ ունէին կատուները, սա պահուն: Ոչ մէկ բաց պատուհան հարկաւ: Հաճի Աննան մահուան անկողինէն կ՚ելլէր իր դուռներուն ու պատուհաններուն ներքին սարքը կարգաւորելու ու զետեղելու բոլոր փ ակոցները: Անիկա գիտէր սանդուխը պաշտպանող վանդակը, որուն ձողիկներէն ճուտիկնանգամ չէր կրնար անցք ճարել: Ու անոր դրան փայտեայ մեծ մղլակը հիննալիք չունէր, անփուտ ընկուզենիէ մը տաշուած ըլլալուն: Անշուշտ այս պատկերները մտածումի չէին հպատակեր անոր մէջ սա պահուն: Այլապէս պիտի անդրադառնար, որ ամիս էր թաւալեր այն օրերէն ասդին, երբ անկէ վար էր տարած Սերոբին կնիկը: Ու կ՚անգիտանար անիկա հսկայ խրախճանքը, որով տօնած էին Աղուորին յղութիւնը: Աժան գինով մը, քէօչէկ Պէնպէնը, ա՛ն` որ հաւ կը գողնար ու ծեծ կ՚ուտէր թրջած կապերտի նման ու պատիւ կը բերէր խմիչքի սեղաններուն իր աբուգաթ լեզուովը, երգերովը եւ անվնաս գինովութեամբը, մատաղէն դարձին խմեր էր մէկ շունչով կէս օխա առջիվազ, ու սանդուխէն ելած ատեն թաթի հարուածով մը բաւական բան թռցուցած վանդակին փորէն: Նորոգումը ձգձգուած էր, օրերուն խռովքին պատճառով: Կատուները կ՚օգտուէին բացուածքէն: Նորէն ոտքի մը ձայն, այսինքն` բարձր տեղէ մը` վար ցատկում մը: Ետեւէն` ուրիշ մը: Սողոմը կ՚անգիտանար, որ մուշտակաւոր կենդանիներուն հարսնիքը կը փոխադրուէր սրահ, քանի որ Բոմբոնը կը շարունակէր մլաւել: Թեթեւ պղտորում մը սանդուխի աչքերուն: Ախոռէն էին, շատ բարակ վրինջով մը: Կովեր, արթնցած ով գիտէ ի՜նչ մղումէ, ձգեցին եղանակաւոր ճիչ մը, որ սղոցի պէս կը տաշէր լռութիւնը: Փողոցի դուռին կը պակսէր շունը, ապահովաբար շատոնց դարձը ըրած լեռնէն, բայց վազած մօտի՛կը` քաղցու եփողներուն, օճախին տալու կռնակը, ինչպէս կ՚ախորժին ընել բոլոր շուները: Ինչպէս անիկա կը յաջողէր հաղորդուիլ սա զգայութեանց, յիշողութիւնը լարել, ու հետեւիլ պատկերներու թելին, որով կեանքը ետ կը դառնայ ու պահ մը կենալէ յետոյ մեր աչքերուն, կը սուզուի կրկին ծոցը պարապին: Յետոյ զգաց, որ այս փշրանքները դիւր կու գային իրեն ու եղաւ փոքրակազմ նրբենի բանտի տղան, ճիշդ ու ճիշդ, երբ ան ալ, սպաննելէ ետքը լսեր էր պալատին ծանօթ ճիչերը ու հաշուած մութին քայլերը, հատիկ-հատիկ, որոնք կ՚երթային լոյսը բերելո՜ւ: Պրկուած, դուրս` իր մօտի իրողութեան ճառագայթումէն - մեռելը մինակ հօտ չունի: Ունի այդ հոսումն ալ, որ ողջերուն ջիղերը տարօրէն կը կակուղցնէ -, անիկա հզօրապէս կը պաշտպանուէր բանտի ընկերէն: Րոպէ մը բոլորովին չքացաւ ոճիրին առքը: Ան կը կենար տանիքին տակ, ինչպէս թուրք տղան պալատին մէջ ու լսել կը կարծէր խղճահարութիւնը մարդասպան տղուն, երբ աղջկան ծոցը իյնալէ առաջ, մաքրեր էր դանակը, մա՛նաւանդ քիթին-բերնին արիւնի արատները ու ջուրին պաղ լեզուին տակ ըսեր էր զգաստ նախադասութիւնը, -Աղէկ բան չէ արիւնը մտնել մարդուն: Անոր միաձոյլ գիտակցութեան վրայ, ճեղքի մը խորէն պլպլաց ուրիշ բան մը, մէկը պիտի ըսէր խղճմտանքի թուլիկ թել մը, կրակի գնով մը: Լսել կարծեց շրթունքները, որոնք թոթովեցին, - Պարապ տեղը սպանեցիր պառաւը: Բայց մարեցաւ, բխումին արագութեամբը, փոքր այդ պայծառութիւնն ալ: Ու պարապը կը սեւնար անոր միտքն ի վար, ջիղերն ի վար, ա՛ն` որ մահուան նախահամը կու տայ կեանքէն կտրուած դժբախտին մէջը: Ու մարդ իր կեանքը կը կտրէ ու երբեմն մինչեւ կէս դար կը կրէ անոր դիակը, առանց որ մէկը կասկածի դուրսէն: Փնտռեցէք ձեր մէջ: Ունիք այդ դիակէն: Անիկա թեթեւ կը զգար իր մարմինը շատ մը բեռերէ, բայց նոյն ատեն հեռու էր, ատով հանդարտ ըլլայէ: Զգայարանքները կը պարուրուէին սեւ, փաղաղուն բանէ մը, գրեթէ տեսանելի խոնաւութեամբ: Ու այդ սեւ շոգին կը հիւսէր անոր նեարդները բարակ մշուշով, աւելի բաց, աւելի տիղմ, որ յատակը նետէր անոր հոգեկան ածխացումին: Ոճիրին մէջ մեր հոգիին կարծրացումը - որուն գնովը մենք անկէ կը հանենք մեզի համար այլապէս անկարելի արարքներ - համեմատական է մեր կիրքերուն հնոցին: Ո՛րքան հզօր ըլլայ զսպանակը, որով լարուած է մեքենան մեր գազանութեան, ա՛յնքան արագ մենք կը թօթափենք արտաքին բարեխառնութեան պարտադրած զրահանքը` մեր կողերէն ու խելայեղ, արշաւասոյր կը դառնանք, ակնթարթօրէն, մեր անասնութեան մռայլ դարերուն, երբ սպաննելը բնախօսական երեւոյթ էր` ինչպէս արգասաւորելը, փորի, ակռայի, սեռի հա՛րց միայն ու ազա՛տ` մեր մշակոյթով մեզի հարկադրուած յերիւրածոյ մեր նոր բնաւորութեան երկմտանքէն: Մի քշէք առաջ զիղջին լացը, զոհին գլխուն, որ կը դիտուի կարգ մը ոճրագործներու մօտ: Անիկա մարմինին արձակումն է իր պրկումէն: Ոչ ոք գթաց ուրիշին, երբ այդ ուրիշը դուրս է կայլակէն, որով տուն մը կը խորհրդանշուի: Ու տակաւին հիմա, ոճիրին մէջը կամ դուրսը դիտուած է, որ ո՛րքան հզօր ուզենք, ա՛յնքան ուշ պիտի դառնանք մեր աղկաղկութեան: Ինքզինքը ըլլալու, ատիկա ընելէն վախնալու, օտարին պաշտպանութեան քիչ մը նուաստ սա գիտակցութիւնը, խուլ դարձդարձումները կը նեղէին Սողոմը: Ու հագաւ անիկա կրկին այն կարծրութիւնը, որով պատմուճանուած ըրեր էր ելքը, էջքը, գերեզմանը ու մինչեւ սանդուխը Նալպանտենց տանիքին: Ա՛ն` որ մարդոց սրտերը կը բռնէ, անոնց ափի դանակը տակաւին դէպի արիւնը չլարած: Ու նման մէկու մը, որ ինքզինքը գիտէ կապկպուած ու կ՚ուզէ փետտել այդ թնճուկը վախին կամ պարտքին, զարկաւ ուժգին ոտքերը գետնին: Խե՞նթ: Պահը, տեղը թռած էին անոր գիտակցութեան կրկէսէն, փշրուած բաժակի մը կտորներուն նման: Բայց բռնեց խուլ թաւալումը իր ձայնին դէպի վար, սանդուխէն ու դէպի դէմը: Տո՛ւնը` որ դողաց պահ մը: Կատուները արձագանգեցին զայն` խողովակուած պոռչտուքով մը: Բոմբոնը փախած էր: Ու դէպի բակը, կիսանուագը, ընդհա՛տ, խազնուա՛ծ: Սրահին տախտակնե՞րը աղմուկի կ՚ելլէին, թէ իր ոտքերը: Ուռելու, ներսէն դուրս փչուելու տեսակ մը զգայութիւն կը գրաւէր զինքը: Կարծես, մէկէն դուրս պոռթկաց իրմէ ուրիշ մը: Անոր մէջէն, ինչպէս խարանէ մը, որմէ վարագոյրը կը փրթի, կը հասէին բանտի երիտասարդը: Ու ինք յստակ կրկնութիւնն էր միւսին, որ սպաննած էր, բանտէն առաջ, խրատուած եւ վարուած հոն ինկողներուն թելադրանքէն, ուսումէն, ափսոսումէն: Ոճիրին դասակարգը բաւական առանձին խաւ է, արդի ընկերութեան մէջ: Հայն ու թուրքը աւելի դիւրաւ կը միանան դիակի մը շուրջը: Միակ հաստատուն կապերը ես տեսայ այդ նկուղէն սկիզբ առածներուն մէջ: Ասկէ զատ, փորձառութիւնը կը պաշտպանէ այդ մարդերը, բանտէն դուրս փոխադարձ դասերով եւ նպաստով: Ասպարէ՞զ: - Գրեթէ: Մահապատիժին բացառիկ գործադրութիւնը կը մշտաւորէր պատժապարտներուն վտանգը: Բանտերը քանի հեղ ծակուած ու քովնտի դիմումները որքան բացած են անոնց վանդակները ու աշխարհին դարձուցած եղեռնագործ արարածը, որ պիտի մարզէ իր տղաքը, աշկերտները, մինչեւ որ արդարութիւնը կրկին թ աթ նետէ անոր ուսերուն: Ոճիրին ճամբան, իր վտանգներուն բազմաբեղուն ոլորքներն ու անակնկալը, ու մահուան մէջ անվրէպ հարուածներուն անդամազննութիւնը երկարօրէն ուսումնասիրուած են բանտի չլուսցող գիշերներուն: Արիւն թափելուն, զայն չորցնելուն, սրբագրելու ու յարակից ուրիշ մարզէ գործողութեանց տեղեկագիրը կը կազմէ կենդանի օրագիրը այդ աշխարհին: Այսպէս է, որ նորեկները, թեթեւ պատժապարտները հոն պիտի լսեն նոր իմաստութիւն: Հոն է, որ մարդիկ կ՚ափսոսան գութի, անփոթութեան, մաքրագործումի մէջ թերացման, աւելորդ արիւն թափելէ զգուշաւորու թեան պատրուակին տակ աղէտաւոր այն թուլութիւնները, որոնք նոպայէն ետքը կը մնան գամուած իրենց երեսին եւ որոնց քաւութիւնը պարտաւոր են ընելու, մինչ խոշոր հարուած մը մասմաքուր կ՚ընէր արիւնը ու զայն թափողը կ՚ազատէր: Սողոմին աչքին պառկեցաւ միւս երիտասարդը, գեղանի, բայց տկար, որ ձեռքը կը զարնէր գլխուն, իրաւունք տալով ծիծաղել իր իշութեան: Ինչո՞ւն էր պէտք գորովիլ տարիքէն ու դեղձանիկի պէս գողտր ստինքներէ ու հեստել, առնուազն ուրանալ պատգամը, որուն համեմատ արգանդէն մորթուած ամէն կոյս աղջիկ, եթէ կամքով չէ յանձնած բերդը, պէտք է մորթուի նաեւ վիզէն, որքան ալ թարմութիւն, կրակ, աղաչանք միջամտեն կիրքէն ետքը: Ու միւս պատգամը կրկին, որուն համեմատ, անարժան է ապրելու ամէն կնիկ, որուն անկողինը ասպատակ մը պառկած է: Վասնզի բաց դուռն է անիկա` այլապէս անառիկ յուղկահարին համար: Պիտի վտանգէ կտրիճը կա՛մ դաւադրութեամբ, կա՛մ անսանձ սիրով: Հետեւանքը Սամսոնին հեքիաթն է միշտ: Ամէն պառաւ, որ իր ձեռքովը ներս չէ առած իր աղջկան ծոցը օտար տղայ, պարտաւոր է խղդուելու սիրահար զոյգին կողմէ, առնուազն վերմակի տակ, որպէսզի քիչ ճուայ: Առածներ են ասոնց, որոնց ս տուգութիւնը ա՛լ դուրս էր կասկածէ: Բանաձեւի են մտած տաքը տաքին ծեծուած ու շոգին վրան դրուագներու մուրճին ներքեւ: Սողոմը սորված էր ասոնք տարողութիւնը, առաջին իսկ շաբթուան, փորձերու մեծ թիւի մը վրայ: Կրակը պիտի ձգուի այն տունին մէջ, ուր կնիկ կը սիրես, բայց ուր մէկը կայ հակառակ քեզի յիսունէն անցած: Ամէն կնիկ մատնելէ առաջ յոյսեր ունի: Յիսունէն ետքը կինը ուրիշ խմորի կը մտնէ ու կը հերքէ առնուազն երեսուն իր տարիները: Մի վախնար էրիկէն, որ զէնքին կը դիմէ` եթէ ուժերը բաւեն: Երբեք` օրէնքին, վասնզի աւելի լաւ է պատիւին տախտակը արատով պահել, բայց յարկի մը տակ: Յիմարութիւն է զայն շալկած պտըտցնել թաղէ թաղ ու գեղէ գեղ, օրերով ու շաբաթներով ու տարիներով: Վախցիր աղբարէն, որ յիմար է միշտ: Բայց սարսափէ՛ ամէն կեսուրէ: Աւելի դիւրին է կապել երկինքին ամպը, որոտող անոր բերանը, քան շրթները ոեւէ կեսուրի, որ հարսը գտած է օտարին ծոցը: Բանտին պատերէն կը յորդին այս ճշմարտութիւնները: Ու տակաւի՛ն: Չարիքին տէրերը հարթ կ՚ուզեն իրենց ճամբան, առանց քովնտի շեղումներու, որպէսզի ոճիրին կառքը մէկ թափով կտրէ-անցնի տարածութիւնը, վայելչօրէն, այսինքն` անխնայ, առաթուր ոչնչացնելով մեծ ու պզտիկ բոլոր արգելքները: Սպաննած էր, Սողոմին աչքին տակ հիմա կանգուն տղան, մայրը այն աղջկան, որուն կիսադէմքը տեսեր էր անիկա պալատին մէկ դուռէն, թի՜զ մը միայն բաց: Այդ պատկերին սիրուն, մատաղ այդ տղան հանդուրժեր էր քառասնամեայ անկողինը ու խաշած միսերը արքենի բոզին, որ, քսանամենի իր տարփաւորին մարմինը կապելու համար իր թառամումին, ընդունած էր անոր բոլոր յիմարութիւնները, ծախած մինչեւ իսկ կոշիկները, վճարելու համար անոր պարտքերը, բայց զայրոյթով մերժած իր աղջիկը, զոր փախցուց Պոլիս: Ո՜վ յիմարութիւնը մեր կիրքերուն: Յիմարութի՛ւնը սեռին: Երիտասարդը շարունակեր էր յաճախել պալատ, շերտ-շերտ գզած տիկինին միսերը, ու պարտադրած անոր` վերադարձը իր աղջկան: Ու ծամելէ յետոյ անոր ստինքներուն պտուկները - ինչպէս ըսուեցաւ - արիւնէ մաքրուած բերանով մտած ծոցը մատղաշ աղջկան ու քնացած: Յիմա՛րը: Բայց ի՜նչ մեղք ունէր: Ուրկէ՞ գիտնար ինք պատգամները սեռային կայսրութեան: Աղուոր աչքերէն հոսած արցունքը կոտրած էր թափը անոր ատամներուն ու հիմա…: Կատուներու դղրդագին փաթթըւուք մը, զայրագնած ու յելուզակային, որուն ընդմէջէն սեռային մոլուցքը այնքան ընդարձակ գոռում ու գոչում կը ստեղծէ, փոքր այդ մարմինները շփոթել տալու չափ գողերու մեծկակ խումբի մը հետ. թաւալգլոր ինկաւ սանդուխին աչքերէն, տպաւորութիւնը տալով ելլող ու իջնող բազմաթիւ ոտքերու: Կարծես սանդուխին աչքերը քակէին, կացինի հսկայ հարուածներով: Սողոմն իսկ չէր դիմացած: Ցատկեց դուրս սանդուխին գլուխը: Ու զգաց, որ առջեւն էր գրեթէ Աղուորին սենեակին: Կարծես դոյլ մը տաքուկ ջուր կործեցին սիրտին, այնքան կարօտ, հեշտութիւն, տրտմութիւն ու սեռ ոտքի ելան մէկ անգամէն անոր խորերէն: Իր ոտքերը կը կոխէի՞ն այն կէտերուն, որոնց վրայէն անիկա վազած էր Աղուորին ծոցը: Աղմուկը, այնքան խոշոր, պիտի արթնցնէր հարկաւ Նալպանտենց հարսը: Մտածեց Սերոբին, որ թնդանօթով իսկ չէր դառնար քունէն: Ու մէկը անոր աչքին առջեւէն անցուց իր տղան պառաւին պատկերովը, ա՛լ չարթննալիք: Ջուր ելաւ մազերուն արմատէն, ա՛յնքան` որ իր մատները տագնապին տակն էին իր կիրքին: Մտիկ կ՚ընէ՞ր, թէ կը զառանցէր: Քայլեր, հազիւ լսուող: Բացատրեց այս աղօտումը ներսի գորգով, որ կնիկի մը մարմինին նման նենգ էր ու խորունկ: Աղուորին մերկ ոտքերը թաղուելու էին թաւ գգուանքին մէջը գորգին: Ո՞վ ըսաւ իրեն, թէ Նալպանտենց հարսն էր քալողը: Ինչո՞ւ անոր մարմինը չանցուցին աչքին առջեւէն էրկանը ձեւով: Բայց մեր սիրտը կը ճանչնար ուրիշ սիրտերը եօթը լեռ անդին, ինչպէս կը նկատէ ժողովրդական երգ մը: Ու կը զատէ կեանքն ու մահը անվրէպ ճամբով, տանելով մեր բազուկները դանակին կամ գգուանքին: Մէկը կեցաւ դրան ետին: Սողոմը փակաւ դուռին, ճիշդ ու ճիշդ ինչպէս ըրած էր հաճի Աննային: Շապիկի, մազերու, քակուած ծոցի ու փակուած միսի խոնաւ համ մը իրապէս անցա՞ւ ընդդիմահար տախտակէն, թէ տղուն թուեցաւ զգալ այդպէս: Բան մը շշկեց, քսքսեց ու մարեցաւ: Բանալի՛ն: Մղլա՛կը, ճիշդ հաճի Աննային կարգովը: Նոյն րոպէին տունը որոտաց: Կատուները գերագոյն պոռչտուքով մը կը յուզէին բակը ու, իրենց թաւալումը, իրար բզկտող ոստումները, մա՛նաւանդ անդնդային մլաւիւնը Սողոմն իսկ սառեցուցին: Անհաւատալի ըսուելու չափ խոշոր այս աղմուկը քիչ մը հասկնալի ձմրան ձիւներուն, կ՚ազդէր տղուն վրայ ժխտակի: Գերզգայութեան պահերուն մեր ջիղերը կը գործեն արտասովոր արագութեամբ: Մէկ եզերքէն միւսը - մէջտեղինը երբեմն լայն է աւելի, քան ովկիանը, որովհետեւ համբոյրի մը թելովը մենք մինչեւ երկինք կը յաւակնինք թռիլ - զգայութիւնը կը կտրէ գերբնական ոստումով, աճեցնելով մեզ ալ ետեւէն, ընդգրկել կարենալու համար գերագոյն իսկութիւնը, որ գուցէ կը հանդերձէ մարմինները այդ րոպէներուն յօրինումին ու վայելումին: Ձեր առջեւէն քալող միսին կտորը ունի այդ փախստեայ իսկութենէն, որուն մէկ ծուէնը բաւական է, եթէ յաջողի հասնիլ ձեր հոգիին բջիջներուն, փոխել ձեր հիւլէական ճարտարապետութիւնը ու հանել ձեզմէ նոր մետաղը: Ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ բուսաւ Ուստիանը: Ու եղան, արագ, իբր ծովի մը թեւէն, պատկերները: Էրկանը բերնով սպառնացող Աղուորը, «անաստուած ամբաստանութիւնը», «անմեղ կնիկին պատիւովը խաղալը» ու «բերան փաչատելը», իրարու մէջ անցած թելերով, բայց բաւական յստակ: Ու ահա տրտո՜ւմը: Չեղաւ իր այն վիճակը, երբ կը լսէր այս ամէնը պահակին բերնէն: Չեղաւ ապշահար տղան, որ մտիկ էր ըրած այս պատգամները, վախնալով խելքէն` ինչպէս գլխուն վերեւի երկինքէն, որ կրնար փլիլ այսքան հսկայ սուտէն: Որքա՜ն մեծամիտ են մեր իրաւունքները: Ու որքա՜ն իրաւունք, ինչ որ սեռին նուաճումէն կը դիզուի մեր մէջ իբր հաստ պահանջ աս ու ան կնիկէն: Դալկութիւն կար անոր զայրոյթին խորը: Ուրիշ ձեռք մը բռնեց կրկին իր երդումին լաթը իր դէմ, «հունտէն հատցնել Նալպանտենց տունը»: Զինքը առտուն կարծր, պիրկ ընող այս տեսիլները - մտածումը քիչ մը կը պաստառէ ինքզինքը այս տեսակ րոպէներու - չունեցան առտուան կսկիծը իր վրայ, երբ անիկա ինքզինքը զգացեր էր միսի մը պէս կտրտուած, արիւնոտ ու դրուած աղջուր: Չէր ցաւեր այս թուլացումին համար: Փնտռելու պէս եղաւ դաշոյնը մէջքին, բայց այնքան քիչ կը հաւատար անոր պէտքին, որ մտածումը ուրուացաւ ու մարեցաւ: Ներսէն ոչ մէկ շշուկ: Ուստիանին պատկերը իջաւ սանդուխէն ու հալեցաւ: Ետեւէն` ժխտական զգայութիւնները, որոնք կը դալկանային շատ աւելի զօրաւոր ձգողութեան մը վառարանին մէջ: Ամէն կին սեռ է ամէն արուի դէմ, սկզբնական արեւելումով: Սեռ է մա՛նաւանդ մութին ծոցը, էրկանը անկողինէն, երբ կ՚ելլէ ու չի գիտեր, թէ կ՚երթայ ուր: Ամէն արու, մորթելէ առաջ, էգին դէմ քերթուած մըն է: Հեշտանքը` մոխի՜րը այդ հրաշքին, որմէ ետք, թաղումը այնքան դիւրին կը թուի: Դուռը չբացուեցաւ սակայն: Անիկա քառապատկեց տարողութիւնը իր ականջներուն: Ճիգի կամ տագնապի գնով մեզի կը տրուի երբեմն առնել աւելի, քան մեր զգայարանքներուն տալ կրցածը: Ճղճիմ մարմինէն հերո՞ս մը: Հարկա՛ւ: Այնքան ճնշած էր ինքն իր վրայ, որ ցաւ ինկաւ սիրտին, - շունչին, բռնուած շունչին անձուկը, որ կը շփոթուի նիւթական ցաւին հետ: Լուցկի մը խրխռաց: Անոր գլուխը տարին առաստաղին ու բերին տեղը կրկին: Այնքան դուրս էր անիկա ինքիր մէջ պարտկուելէ: Լո՞յս: Հազիւ թէ խորհած էր, երբ իր ոտքերուն, դուռին գիծով, շեմն ի վար, աչքին ինկաւ ոսկեգոյն երիզ մը: Յետոյ` քայլեր, աւելի յստակ: Մղլակը, մեղմ, ընկրկեցաւ ու անոր սիրտին մէջէն սուրի մը երախը այդ երկաթին պէս քաշուեցաւ ետ, թեթեւցնելով անոր անհնարին պրկումը: Անիկա տղան էր, որ ամիս առաջ կը բանար ատ դուռը ու կը տանէր ներսի հարսին իր տիեզերքը: Յետոյ քարացաւ: Կու գայ պահը, երբ մեր ջիղերը անզօր են մեր սիրտին հետ քալել կարենալու համար ու մեզ կը լքեն: Անկէ անդին` խենթութիւն, մահ: Դուռը բացուեցաւ, թիզ մը լայնքով կարծես սորված հաճի Աննային ուսումը, որ անողոք էր, ճկելու չափ տունին առարկաները իր կամքին: Լոյսին կարմիր կա՛րժը, հասակովը դուռին, որ սանդուխին վրայէն սուզեց վար կատուները: Նոյն ատեն ձեռք մը երկարեց ճրագը դուրս: Գորշացած մատնի՜ն: Ճերմակ մի՜սը: Հիլալնե՜րը, որոնց կեղծ բիւրեղէն լոյսը կը պճպճար բազմերանգ յեղումով: Ե՞րբ ատեն գտաւ Սողոմենց տղան, միակ շարժումով բռնելու լոյսը, ձեռքը - Աղուորին բերանը, որ սարսափէն կղպուած, մնաց կէս, սրտապատառ աղաղակի մը վրայ: Գիշերային արհաւիրքը ճամբայ չունի դիւրաւ դէպի փողոցը: Մարդիկ կրնան լսած ըլլալ, բայց տեսնուած չէ, որ լսեն: Ո՛չ միայն ամէն տուն պարկին մէջն է կծկուած իր սեփական ցաւին կամ վայելքին, այլեւ աժան հերոսութիւն է, առնուազն անիմաստ յիմարութիւն, քոքուրութիւն ձգել իր անկողինը` օտարէն լսուած օգնութեան ճիչի մը համար: Ասիկա այսպէ՛ս, երբ գեղը կը քնանայ իր անմղձաւանջ գիշերը: Հակառակը ճիշդ, նոյնքան ստուգօրէն, երբ վտանգը փողոցներուն մէջ սեւ-սեւ կը թաւալի: Այն ատեն ալ մանուկի մը ճիչն իսկ կ՚ելլէ կշիռի: Անիկա փչեց լոյսը, բայց այդ պղտոր կարմիրին վրայ անոնց նայուածքը հանդիպած էր իրարու: Ահաւոր քայքայում էր այդ աչքը Աղուորին երեսներէն: Կը զգար ծանրութիւնը իր արարքին: Անիկա ատեն չունեցաւ այդ զգայութիւնն ի վար խորանալու եւ օգնութեան կանչելու իր մասնակի միւս վիճակը, որուն մէջ ապրեր էր Ուստիանէն ետքը, լման ցերեկը: Մէկ ոտքը սեմէն ներս, միւսը դուրս, փաթթուած էր անիկա Աղուորին: Ու փաթթուած իբր պատանի: Կնոջ մը միսը, նոյնիսկ լաթերուն տակէն, թափանցիկ է շատ, լուսաւորելու չափ է՛ն խորունկ խաւարը: Դեռ պէ՞տք է աւելցնել բացառիկ այն զգայականութիւնն ալ, որ ոճիրով կը պայմանաւորուի ու արիւնին մէջ մարդը կ՚ընէ գերզգայ սեռին հանդէպ: Վասնզի ամէն ոճիր իր յանգումի կէտին մէջ` մահն է: Օ՛ձը` որուն պոչը դրուած ըլլայ իր ժանիքներուն մէջ: Ու այդ մահը, մենէ դուրս կամ մեր մէջը, իր արտածորած մղձուկովն է, որ զինաթափ կ՚ընէ մեզ: Մեռնողին չներելը հաւասար է ապառաժութեան: Սողոմին բազուկները, անոր մարմինէն բխած ու տարածուած աղերսանքի կը նմանէին: Ուժ, բռնութիւն էին: Էին աղապատանք, բարութիւն, թրթռում ու համբոյր: Ու կիսամերկ ծոցին վրայ անոր թեւը քաղցրութիւն ու կորով կը դնէր, հա՜մը մեր աշխարհին, երբ մեր տարիքը քսանին բացերը կը թափառի ու ապրիլը կը զգայ միայն այդ հունէն, ծոցերուն հովիտէն: Յետոյ, ինչ շուտ կը փոխուին մեր միսերը` զիրենք լեցնող հոգեկան հեղուկէն: Անիկա գառնուկի պէս քաղցր երիտասարդ մըն էր: Ուրիշ բան եղած չըլլա՜ր: Հաճի Աննա՞ն: Այո՛: Բայց մեր սիրտը չի զատուիր ճակատագրէն, որ բոլոր իրերունն է հոս, մշտափոփոխ ու անկայո՛ւն` զգեցուած ամէն նոր ձեւի մէջ ալ: Սողոմին գրկինը չըլլա՛ր կէս օր առաջուան «քածը», զոր ուխտած էր բզիկ-բզիկ պատռտել, «պորտէն մինչեւ կռնակը» հանել

դաշոյնը: Ինչպէս մեղմ ու իրաւ` հանեց անիկա Նալպանտենց հարսը էրկանը սենեակէն: Կու գա՞ր Աղուորը, թէ ինքն էր հանողը: Ինքզինքը հիւսած անոր, այնքան սերտ, սրտառուչ փափկութեամբ, տղէ մը աւելի գողտր, միամիտ, առանց դաշոյնի: Կտրեց անոր ոտքերը գետնէն ինչպէս կ՚ընէր ատիկա ձիուն կռնակէն հակը կամ կողովը գրկով ներս առած ատեն: Ու անոր մէջ կրանիթ, կ՚ապրէր յիմար ու խուլ գիտակցութիւնը պարկ մը կրակ, խենթութիւն, համ, ամբողջ աշխարհը կուրծքին առած տանելու: Ու հիւսուած` Նալպանտենց հարսին թեւերը անոր գլխուն: Ծանր ու է՜գ: Յղի՞: Սողոմենց տղան լրջացաւ անհուն թախծութեամբ: Աչքէն անցեր էր պառա՜ւը, ու կեանքին մեծ գլանը, որուն առանցքը ահա կը մխրճուէր սրտի մը, դիակի մը սրտին խոռոչին: Գերեզման ու կախաղա՜ն: Բայց այո՛: Ե՜րբ չենք ատիկա: Գամեց, կարծես ա՛լ չքակելու համար շրթները բերանին, աչքերը գոց, ինքնիրմէ հեռու, չհաւատալով եղածին, ըրածին, հիմնովին մոռցած քովի սենեակը, դիակը, բանտը, կախաղանը, ճիշդ ինչպէս պատմեր ու նկարեր էր բանտակից տղան, երբ վերաքաղը կ՚ընէր իր զգայութեանց ամբողջ տախտակներուն, մտնելու ատեն ծոցը սեւաչուի աղջկան, շաղուելով անոր միսերը բերնով ու թեւով, խմելով անոր մազերը, հոգին, ինչպէս ալիքները ստինքներուն, խի՜տ, թո՜յլ, է՜գ, իբր թէ չըլլար քիչ առջի գազանը ու դողացնելով շրթներուն անկիւնին` մատղաշ պտուկները աղջկան ծիծերուն, շաքարի պէս հեշտ, ու գաղջ ու կախարդ:

-Կեսո՜ւրս, - շշնջաց Աղուորը:

Ձա՞յն: Վեց ժամէ ի վեր ինքնիրեն հետ խօսող տղուն համար սա զգայութիւնը անսովոր խուճապ բերաւ անոր յուզումին: Ձա՜յնը Նալպանտենց հարսին: Կը վախնա՞ր, թէ խօսիլ կ՚ուզէր:

Հովի շատ բարակ թեւ մը շարժեր էր պառաւին դուռը: Թոյլ ու լքուն մարմինը պրկուեցաւ մէկէն: Ցցեց գլուխը: Չէր զգար Սողոմին նոյնութիւնը ու կը խռովուէր հաւանական աղէտի մը պատկերով: Եկա՞ւ մտքին պառաւին սաստը, վճռական արգելքը, խայտառակութեան եւ փողոցային անկումի գնով: Հաճի Աննան, Ուստիանը ճամբու դնելէ ետքը, Նալպանտենց հարսը ծունկի էր բերեր ընտանիքին Աստուածաշունչին առջեւ, տարեր անոր թեւը կաշեպաշտ մատենին ու երդու ընցուցեր: Երդուընցուցեր իր օրերուն ու արեւին, աչուըներուն լուսին ու հոգիին վրայ, ընդմիշտ փակելու Աղուորին արգանդը ամէն օտարի:

-Կը քնանայ, - աւելցուց տղան, տարօրէն պղտոր, բայց հաստատ ձայնով մը:

-Կատունե՞րը:

-Գացին:

-Կատուի քուն է անոր քունը:

Կը խօսէին փսփսուքով, գրեթէ բերան բերնի: Անոնք կարօտը ունէին գուցէ իրարու հոգիին, որ աչքի (լոյսին մէջ) ու ձայնի (մութին մէջ) ճամբով կը նիւթանայ:

-Ուզէ ըլլայ հաւու, չ՚արթննար:

Թեթեւ բան մը վերէն վար դպաւ անոր մարմինին ու անցաւ: Գրեթէ չէր հաւատար խօսելուն, այնքան ինք անծանօթ էր իրեն: Ո՜վ հրաշքը կիներու միսին: Ու կեցաւ` կարծես մտիկ ընելու հեռաւոր ջանքով մը: Պահին ցնորական համը կը յորդէր իր ջիղերէն ու կ՚ընէր անոր մարմինը կոծկոծուն ու կրակ: Զգաց ատիկա Աղուորը ու կը պատրաստուէր բերանը բանալու, երբ հովին նոյն մատը հրեց ու ձայնի հ անեց պառաւին դուռը: Այդ կարճ տեւողութեան վրայ անիկա ապրեցաւ իր երդումները, որոնց մասին հաւատքը անխախտ է գեղացիին մէջ: Կ՚ընեն մեղքը` չընելու անկարող ըլլալնուն ու չեն դժգոհիր, երբ պատուհասը խուժէ վրանին: Ու նոյն այդ կարճ ճռինչին վրայ` անիկա խորհեցաւ Նալպանտենց փառքին գողտր դրամներուն, որոնց պահածոյ խոնաւութիւնը - իջեր էին տունին ընդերկրեայ մասը ախոռին ետեւէն - մինչեւ գիշեր չէր հեռացած մազերէն ու մերկ մասերէն: Ու խորհեցաւ իր արգանդին, ուր կեանքին ծաղիկը կ՚աճէր: Որուն հոտովը անիկա պիտի հաղորդուէր աշխարհին է՛ն քաղցր, է՛ն հզօր համին: Բայց նոյն այդ զգայութեանց պարունակը ըրաւ զինքը մեղաւո՜ր, հարսնուկ, Մարիամ մօր նկարին առջեւ ծնրադիր, միամի՜տ ու անհունաբաղձ, հարսնո՜ւկը ծոցւոր, աւելի սրտառուչ, քան բոլոր մեղքերը աշխարհին: Փողոցէն շո՛ւն մը, հաջելով դէպի կատուները, որոնք Սողոմին խցիկէն ցատկած էին տանիք ու կ՚ուտէին իրար, - ճշմարիտ ճակատամարտ, որուն մէջ յաղթութեան գինն էր Նալպանտենց կատո՜ւն: Յուզումի պահերուն, մայր զգայութեան աճումը կարծես կ՚աճեցնէ միւսներուն փոքր մարմինն ալ: Կը տեսնենք աւելի շատ, թեթեւ մէկ կէտի միայն խոր, միւսներով` երեաք: Երբ կը ծեծէ մեր կիրքը, իր հարուածէն խուսափելու համար է, որ կ՚ընենք մեր միւս զգայարանքները քիչ մը աւելի տարածուն, անոնց ցանցին տակ, մեր նուաղումը պատսպարելու միամիտ ջանքով մը: Սողոմին բազուկները խօսող, պաղատագին բերնի մը նման: Նալպանտենց հարսին մէջքէն ու կողերուն փափկութեանցը վրայէն կ՚ընէին այն սրտառուչ գգուանքը, որ լեզուն է` ատեն մը չեղած մեր լեզուին այն հեռաւոր դարերուն, երբ բարբառը չէր մտներ կիրքին ու անոր յագուրդին ընդմէջ: Որ մեր մարմինին մէջ այնքան խոր, հեռաւոր ձայներու ստեղը կը հանէ շարժումի: Հիմա, ա՛լ ստացուած ու կրացած վարժութիւններ, աշխարհին անընդմէջ տարածումը, ըսել կ՚ուզեմ` սեռին գոհացման դէմ արգելքներուն, կապանքներուն բազմութիւնը, այդ ուղղութեամբ մեր նկրտումին մէջ մեզ հարուածող պատահարներուն բազմաբաւիղ հանդէսը, երբեմն գիշակեր ախորժակներ մեզ սկեպտիկ կ՚ընեն հանդէպ այս ձայներուն: Մեր տկարութիւնը, քիչութիւնը, այլասերումը մենք պահպանակ կ՚ընենք յաճախ սեռին հանդէպ մեր խլութեան: Դրէք միսը միսին մօտ կամ վրան: Դաշնամուրը պիտի թրթռայ այս ամէնը, բայց դուք պիտի լսէք ձեր ուզածը միայն: Ու պիտի անտեսէք անհուն ճոխութիւնը, որով կը խօսի սեռը մեր շուրջը: Ջերմացաւ սիւնը անոնց կռնակին, կայլակ-կայլակ: Ուստիանին պատգա՞մը: Կը մտածէին անոր գուցէ, առաց հաւատալու: Վասնզի անկարելի էր անոնց հաւատալ իրենց գիրկէն դուրս ուրիշ բանի: Եթէ գիտնար Սողոմենց տղան, թէ այս գիշերուան ցերեկին, Նալպանտենց հարսը, ուխտը ընելէ ետքը, նկուղին մէջ, քաշուեր էր վեր, իր սենեակը, կղպեր դուռը ու լացեր ժամերով, երեւան բերելու չափ հետքը իր ջղային տագնապին, փռելով թաղն ի վար իր հեծկլտուքը, մեծ, ամբողջ, սիրտ ճանկող, գլուխները ներս հրելու չափ պատուհաններէն հետաքրքիր կիներուն, որոնք կը քաշուէին, խաչ հանելու ու Աստուծոյ աչքը հայցելու իրենց մասում ներուն արգանդին, խնայելով իրենց տունին այս անպարտակելի աղէտը, յորդող ու անսանձելի: Հաճի Աննան չէր միջամտած: Անիկա հեշտով կը դիմաւորէր բաւական ուշացած այդ նոպան, որ շահագործելի է յղութեան առջի խռովքներէն, հալելու չափ անոնց ախտանիշներուն մէջ, ընդմիշտ անհետանալու համար երկունքին ազատումով: Սողոմենց տղան չէր գիտեր, թէ լացեր էր Նալպանտենց հարսը, ձեռքերը ծեծելով գլխուն, յուսահատ, այցուած աշխարհին է՛ն հզօր ասեղէն, ու ողիկ-ողիկ գալարած` իր միսերուն բոլոր լեզուներէն ու թօթուած իր ջիղերուն բոլոր կծիկներէն: Որո՞ւն առջեւ կը գոցէր անիկա իր դուռը: Խեղճ անոր աւերա՜կը, իր մարմինը: Սէ՞ր: Ի՛նչ խեղճ է բառը: Ինչ սուտ, յարմարցուկ` բազմաբեղուն զանազանութի՛ւնը, զոր ստիպուած ենք զետեղել այդ ամանին մէջ: Որքան հեռու են իրարմէ այդ զգայութիւնները պատանիէն մինչեւ գալարուն ծերունին, որ մատղաշ աղջնակի մը դիմաց պուտ-պուտ կը հալի, անկարող ու անդարման: Ի՜նչ ալ դիւրութեամբ կը վարագուրենք մեր խուլ, արիւնազանգ, մռայլ ու ամբողջ աղբ պայքարը այդ բառով շղարշուած պատրանքին ներքեւ: Անոնց բերանները կը վազէին իրարու, կը հալածէին զիրար, կարօտէն այլայլած, խենթեցած շտապով մը: Ու այդ աճապարանքը, հեւքը, հոսումը կ՚անդրադառնային անոնց հոգիին, ընելով զայն, երկուքին ալ մէջը, բուռն, զիկզակուած կայծահարում մը, լոյսի, մութի, կրակի ու մոխիրի տարօրէն ստոյգ, հեշտ խառնուրդի մը մէջ, ուր կը նետուէին իրարմէ ատելութիւն ու պապակ, հարստութիւն ու աղքատութիւն: - Մշո՛ւշը սեռին, գիտուններէն բանաձեւուած իբր միգամածը լինելութեան խորհուրդին: Որ թանձր էր, շօշափելի, պատմուճանի մը նման, բայց թափանցիկ` ինչպէս վառը, չարը, որով կը քողուին կարգ մը մասերը կիներուն: Որ հզօ՛ր է` ինչպէս կրակէ սիւն մը, կանգուն առակին օձին նման` իր պոչին ու կը լիզէ մեր խեղճութիւնը, մեր աւերակը, հոն դնելով սրբազան պատրանքէն ծուէն մը, ծաղիկ մը, բաւո՛ղ երբեմն` տանելու այդ աւերակը, խեղճութիւնը իբր գերագոյն եզրը մարդերու ճակատագրին: Ուրի՞շ է արդեօք իրողութիւնը ներս այն խրճիթէն, որուն խորը կռնծած միսի կտոր մը կեդրոնը կ՚ըլլայ տիեզերքին…: Գիրկն էր միշտ: Ինչո՞ւ կը հաւատար Սողոմին, ի՜նք` որ այնքան լաւ կը դատէր արժէքը պառաւին քունին, վերջին դէպքերէն ասդին վերածուած տեսակ մը արթնութեան, ամէնէն փոքր ձայնին իսկ բաց աչքերն ու ականջները ու բուսնելով դրան առջին, սոխ մը, պտուղ մը, պահծու բան մը ափին, հանգչելու համար հարսին յուզումը, թթուն ու պաղը անպակաս ընելով միւս ձեռքէն:

-Գիտէ՞

-Ո՞վ:

-Կեսուրս:

Չպատասխանեց: Բայց սեղմեց կոտրելու չափ անոր ոսկորները, ա՛յնքան` որ ճիչ մը թռաւ Աղուորին բերնէն, բաւական ուժգին, ոտքի նետելու չափ քնացող պառաւը: Բայց չվախցան: Հարսը` իր մտածումին ապահովութեամբը: Կատուներու այդ ճակատամարտը կարող էր Սերոբն իսկ արթնցնել: Ո՞ւր էր պառաւը: Չվախցաւ Սողոմը, ծանօթ պատճառով: Մնաց որ, ատենն ալ չունէին ատոր, տարուած ըլլալով իրենցմէ, վախէն կամ չվախէն ալ վեր բանէ մը: Ե՞րբ կատուները խցիկին տանիքէն փողոց փոխադրեցին իրենց հարսնիքը: Մեծադղորդ գզուըտուքը կ՚ոռնար հոնկէ, բանակի մ ը չափ աղմուկ հանելով: Ո՛չ շունին յարձակողականը, ոչ ալ անուշ եփողներուն բիրերը չկրցան մաքրել այդ պոռչտուքը, տակաւ հեռացող, բայց աւելի խորհրդաւոր: Զգացին, որ կը քալէին: Ո՞ւր: Ջնջուած էր պառաւին պատկերը: Նալպանտենց Սերոբը չէր արթննար: Ու անոր մարմինը տղուն գրկին կակուղ կրակ էր, որ չայրէր:

-Ո՞ւր:

Կը քալէր: Ու պատասխանը տղուն կունքն էր, երիտասարդ, արու, պատրաստ, լա՜յն, ուր իր մարմինը կը տեղաւորէր Նալպանտենց հարսը, առանց հարցնելէ դադրելու:

-Ո՞ւր:

-Վար:

Շարժումով մը իջաւ կուրծքէն: Քով քովի, իրարու փակած, իրար փախցնելու խուլ սարսափէ մը այդպէս հրուած իրարու: Ու շրշիւն էր անիկա, տարօրէն սպիտակ, մութը բանալու աստիճան: Ու հեւք էր անիկա, ջերմ ու բարձրացող, որուն մէջ կրնային կարդալ անհուն պապակը հարսնուկի սիրտին, այդպէս լայնցած դէպի տղան, դէպի անձրեւը, երակը սերմին ու ծի լին: Ո՞ւր: Ինչո՞ւ կը հարցնէր:

Յանկարծ մտածեց: Արագ ու ամբողջ: Բայց չքալեց: Տեսակ մը վարանք, ամօթի մօտ բան մը կը բուսնէր անոր ներսը, նոյնքան յստակ, որքան տարփանքը, որ դողի, շարժումի ձեւերով զայն կ՚ընէր լպրծուն, բուռն, սանձակոծ բան մը: Երբեմն բառերը ամչցան մեր մտածումներէն ու չելան: Անոր ոտքերը մնացին գամուած, դէգ, նոյնիսկ դէպի պատը նայող: Սողոմենց տղան զգա՞ց այս ընկրկումը: Տարփանքը ամէնէն դիւրաբեկ ճարատարապետութիւնն է, երբ կը գմբէթի: Թռչունի թեւ մը երբեմն բաւ է զայն կործանելու: Մի ենթարկէք զայն մշտական պարզո ւմին, ուր խորացման գիծով կը յօրինէ իր հրաշքները, քառորդ դար թարմ պահելով սիրտը` հեռացած սիրականին հանդերձուած կամ քաղցր կուրացմամբ մը գերեզման տանելով ամանը, որուն արեւը կ՚ուտէ, ներսէն-ներսէն: Այն պահերուն, ուր արիւն է հոսած` անիկա վեր է ինքնիրմէն: Այս գերաճումը կը տարածուի մեզ կազմող բոլոր տարրերուն, կասկածին` ինչպէս նախանձին: Ուստիանին պատկերը ցցուեցաւ ինքնիրմէն: Կարծես մէկը կրկին շշնջաց պահակին պատգամը, Աղուորին մարմինին ընդմէջէն: Ու կը տաքնային տղուն կոպերը: Կիրքը, զայրոյթը կ՚եփէին անոնց ներքեւ: Բայց կարծր, անզիղջ` անոր ձեռքերը: Շունչ շունչի, մէջտեղերնին աշխարհ մը անդունդ, դառնութեան հեղեղ ու ողբերգութիւն: Բիրտ էր, ցաւցնելէ աւելի ու պահանջկոտ, երբ հարցուց.

-Ինչո՞ւ չես քալեր:

-Անկողին չի կայ:

Նալպանտենց հաճի Աննան, գեղին կողմէ հնարուած ու ըստ աւուր պատշաճի արժեւորուած հազարումէկ պատճառներուն մէկովը ծառայ չունէր տակաւին: Փեսաները ու օրավարձ օտարներ կ՚ընէին գործերու սպասը: Բանտարկութեան ընթացքին Սողոմին լաթերը ճամբուած էին մօրը տունը, առիթը ստեղծելով հսկայական բախումի մը ընդմէջ երկու կիներուն: Քաջութիւն ու համ կայ, երբ աղքատիկ ու սրտոտ կին մը փրփուրով յարձակում փորձէ յարգուած, բայց ատուած հարուստ տիկինի մը վրայ: Ո՛րքան դրամը ու բարիքը ըլլան առատ, ա՛յնքան աւելի հեշտ անոնց տէրը կանչուած է ճաշակելու դառնութիւնը այս ցոյցերուն, որոնք կատարողին ոչ մէկ վնաս կը բերեն, բայց ենթական կը կործանեն, երբ ասիկա փորձուի պլշկել իր բերանը: Կիներու մարզէն որչափով ճիշդ` քաջութեան մարզէն ալ նոյնքան ճիշդ է երեւոյթը: Այս կռիւը իր երկրորդ երեսին մէջ պատմուած է արդէն: Առաջին յեղումին, Նալպանտենց տիկինը միջոցներ ձեռք առաւ, պաշտպանելու համար Աղուորին անունը: Վարձեց աղքատիկ, բայց լեզուանի, հաջան կնիկներ: Փակեց, զոյգ կղպանքով Սողոմին խցիկը, հաւատալով առասպելական ցուցմունքներու, որոնք թելադրուած` գնչուներէն, չհերքուեցան հաճի Մարէն: Կը փակէր զոյգ կղպանքներով մեղքին օրանը ու տունին վէրքը: Աւելի վերջը հաճի Աննային հիւանդութեան կրկնումը, որ ձգած էր մէկ շաբթուան մէջ պառաւը աւելի քան տարուան մը ցաւը, չունէր ըրած թաղին միւս կոխուածներուն, քաղաքական խռովքները (գեղը կ՚եռար ոստիկաններու խուժ սարսափէն եւ զօրքերուն սեւազգեստ սպառնալիքէն, որ տաճկութիւնն էր սանձարձակուած, պարտասուն գեղին վրայ), աղէտի մը սպասումին մէջ անղեկ հոգեկանութիւնը փոխած էին ամէնուն չափ Նալպանտենց հարսն ալ, որ այդ խռովայոյզ ելեւէջներէն ու իր գլխէն անցած զօրաւոր յուզումներէն ծեծուած` արգանդին խուլ խաղաղութեան մշուշովը գոցեր էր ինքզինքը աշխարհին, չերեւալով աղբիւր ու փողոց: Ու մոռցե՜ր տղան, որ իր տունը կը թօթուէր: Ան հիմա կ՚արթննար, դառնալու համար ծոցը մարդուն, զոր ատեր ու սիրեր էր հաւասար ուժգնութեամբ, իր սիրտին ու պատիւին հակադիր բեւեռներուն մէջ ճօճուելով փոխն ի փոխ: Յետոյ ըսած են, որ զգացական ոլորտին մէջ երկար մարզում, ինքնաթելադիր վարժութիւններ կրնան փոխարինել իրականութիւնն իսկ այդ ոլորտին: Մտքի պահպանողականութեան օրէնքով մը, երբեմն աս փոխարինումը կը գրաւէ հոգեկան յատակը ամբողջ ու մարդ շրջանակը, ապակին կ՚ըլլայ իր երազին: Կը պատահի, որ քսանամենի աղջիկ, իր հուրքին պայծառ հեղեղին դէմ խաբէ ինքզինքը, սկիզբները կամովին, յետոյ հաւատայ իր իսկ յօրինումին ու սառոյց ընդունի ամբողջ այդ հրդեհը` ինչպէս կը պատահի ձմրան արեւին, երբ կը զարնէ սառերը ու կը բոցավառէ անոնց սիւնաշարքը տարիներն ի վար: Ու կրէ այդ պատրանքը մինչեւ պառաւութիւն: Բայց երբ որեւէ պատճառ զայն ընէ դուրս իր պատրանքէն, ըսել կ՚ուզեմ` երբ ճեղքուի հոգեկան յատակը, նոյն այդ պատճառը պիտի փոխէ ինչ որ կազմեր էր ողնածուծը այդ աղջկան, արքենի տարիներէն մինչեւ ձիւները պառաւութեան: Նալպանտենց հարսը հինգ տարի դուրս էր, եզերքին էր կեանքի խորագոյն հեղեղին: Ամիսը բաւ էր եղած զայն վերածելու վաւերական կնոջ մը, որ կը խօսի սեռին սլաքին ներքեւ: Անկողի՜ն չկար վարը: Գրեթէ ծախու կնոջ մը բերնին վայել սա բացատրութիւնը անիկա նետած էր բերնէն նուաստ, բայց էգ հասունութեամբ մը:

-Վա՛ր, օճախով սենեակը:

Խիստ ու հրամայող: Մենք չենք մտածեր, երբ կը վարուինք մեր զգայարանքներէն: Կը հերքենք միտքն իսկ, լրիւ, երբ կը վարուինք մեր խորագոյն մագնիսէն, որուն սլաքը կը հանգչի աշխարհ գիտէ թէ ո՛ւր:

-Պառա՞ւը:

-Չունի գիտնալիք:

Ու հանդարտ, անկարելի խաղաղութեամբ էր արտասանած իր պատասխանը:

Զգացական բոլոր աղբիւրները անոր մէջ տրամադրուած էին միակ խողովակի մը: Ոճիրին գերագոյն խռովքն իսկ նուաճուած էր անկէ, բայց տեւողութիւնը կը միջամտէր, իբր կանոնաւորիչ ու մեր գիտակցութեան մէջ երբեմն արձագանգ մը աւելի կ՚արժէ: Երկրորդ անգամն ըլլալով, նոյն դո՛ղը, քիչ մը աւելի ուժգին: Անցաւ անիկա Աղուորին հիւսուած մարմինին ալ:

-Ինչո՞ւ կը դողաս:

Կրկնապատիկ ուժգնութեամբ ողջագուրում մը խորտակեց հարցումը:

Անիկա կը խուսափէր, կը նահանջէր, այդ ուրուացող, դեռ անյայտ բանէն, որուն շատ մը անուններ կու տան գիրքերը: Բայց մէկ թեւով թաթին տակն էր այդ շաղապատումին: Ու կու գար, անծանօ՜թը` վրան անոր խղճի հորիզոնին, վախի, մահուան, աշխարհի բիւրապատիկ համերուն տարօրինակ մէկ սիւնը իբրեւ, ամէնը խտացուցած իր մէջը: Այնքան ծանօ՜թ այդ բխումը անո՛ր, իր ներքին կամարներէն ծուէն-ծուէն հաւաքուած կրակի կայլակներով: Ու Սողոմենց տղան առքին հրմշտուկին տակն էր անոր գնացքին: Երբ` մարմինները կ՚իյնան իրենց պատեաններէն ու խորխէն ու քուրայէն նոր հոսող ոսկի ջուրի նման կը վազեն իրարու: Ի զուր պառաւին ուրուականը ջանաց իր հաստ իրանը զետեղել անոնց հիւսքին մէջտեղ: Անոնց արիւնը աւելի տապով կը ծեծէր անոնց կեանքերը: Ու չէին ընդունակ զգալու, իրենց ջիղերուն ցնորքէն անդին, եղերական նկարագիրը սա տարփանքին, դիակի մը գրեթէ կուշտին, իւրաքանչիւրը իր սեփական խռովքէն մրճահարուած, բայց զանցելով ամէն ինչ, որ գիրկը չէ: Սանդուխի գլխուն, անոնք քակուեցան իրարմէ: Էջք: Բայց ծանր, կարծես պառաւին երկու թաթերը, մութէն տեսանելի, կը կոխէին անոնց օձիքին: Օճախով սենեակ: Չունեցան համարձակութիւն վառելու ճրագը, հակառակ մութէն ունեցած իրենց մեծ յոգնութեան: Գետնադիր բազմոցին վրայ երկնցան անոնք, նուաղած գրեթէ, տարփանքէն առաջ: Մինչեւ հեշտանք մենք վճռական, արիւնարբու, մեր ներքին հուրքէն քառապատկուած կ՚ընենք աւելի, քան մեր իսկական տարողութիւնը: Գուցէ սերմին, սպասող բիւրաւոր փորձանքներուն դէմ պաշտպանութեան խուլ միջոցն է այս եղերական, աներես, անակնկալ ուժը, որուն հաստատումը մեզի տրուած է ընդունիլ էակներու բոլոր սանդուխին վրայ: Մահուան գնով սերմը ապրեցնելու մէջ քերթուածներ են միջատներուն սէրերը: Ու հերոսներ` խեղճ այն արարածները, որոնք սեռին շուրջը բողկուկ փորձած ատեննին թաթէն անգամ չեն զգար երկիւղ: Բայց դիտուած է նոյնքան, որ հեշտանքէն յետոյ մարմինը կ՚իյնայ ցած, նոյն համեմատութեամբ: …Անոնք գռեհիկ, հասարակ զոյգն էին պոռնկութեան մոխիրին մէջ խրած, մինչեւ իրենց պորտերը, երբ նստեցան մութին վրայ ու զգացին խուլ մղումը, որ զիրենք իրարմէ կը վանէր:

Կեցուց Աղուորը, վախով բռնած թեւէն:

-Ձգէ՛, հիմա կու գայ կեսուրս:

-Գալիք չունի:

-Ինչո՞ւ:

Չկրցաւ պատասխանել:

Շունը կը մռլտար պատուհանին տակ, հաւանաբար հաճոյքէն: Նալպանտենց հարսին հոտը կ՚անցնէր պատերէն: Գաղջ ու կծու բան մը սենեակը կ՚ընէր աւելի տխուր ու անոնց մարմիններէն արտաբուրած աղերը կը խառնուէին այդ զգայութեանց: Այտ ու շրթունք` լեղի, գարշանքի մօտ բանով մը սրսկուած: Այս դառնութիւնն էր միջամտեց, որպէսզի Նալպանտենց հարսը ուղղէ քայլերը դէպի դուռ:

Կեցուց, բայց աւելի մեղմ, անոր գնացքը: Կը հեւար, խօսելու անձուկէ՞ն, թէ հեռանկարին արհաւիրքէն: Ու մութը կը ծածկէր անոր դէմքին չարաշուք եղծումը: Արեան բաղնիքէն սեռին բաղնիքը: Մշուշը կը պաշտպանէ այդ լուղորդը: Բայց դէպի մոխիրին բաղնիքը լուղորդը պարտաւոր է մինակ ընելու իր ճամբան: Կակազում ինկաւ անոր կզակն երուն:

-Ի՞նչ կայ:

-Ըսելիք կայ:

Բայց տկար էին մատները` ձայնին չափ: Ու տարօրէն զօրաւոր պէ՛տքը ճրագին, որ ականջներէն ու մորթէն կը զատէր մաս մը պրկում: Զգայարանքներու շատութիւնը թերեւս կը հպատակի այս կարգի պէտքի մը: Ու չըսաւ ըսելիքը: Փոխարէն` նստեցուց զանիկա ծունկին: Առաւ առատ մազերը բերնին ու երեսին ու կը համբուրէր եղկ այդ իգութիւնը, գրեթէ լալով:

-Ինչո՞ւ կու լաս:

-Որ գիտնա՜ս:

-Ի՞նչը:

Կը հարցնէր գրեթէ ուժով, ու յոգնած անոր կզակները յօժար ալ չէին: Մենք, սեռէն ետքը, խուլ ենք ու եսասէր:

-Որ գիտնա՜ս:

Չպատասխանեց, բայց գրգռուած էր, երբ ըրաւ անոր թեւերը դուրս իր մարմինէն:

-Պառա՜ւը…

-Կու գա՞յ:

-Չունի գալիք:

Պէտք եղաւ, որ լռեն:

Այս դաժան բանը, եկող ու գալիք չունեցող պառաւին անունէն հեղուած զանոնք ըրաւ աւելի լեղի: Յետոյ, առանց որ պատճառ կենար` փլաւ տղուն սիրտը, յորդ ու մեղմ: Լայն ու խորունկ հեծկլտո՜ւք մը, զոր սանձելու համար Աղուորը դրաւ իր մատներուն ամբողջ շնորհը ի գործ: Այն ատեն Սողոմենց տղան ունեցաւ առաջին ու իրաւ փաթթըւուքը, սեռէն դուրս ու անկէ աւելի քաղցր, ա՛ն` որ վտանգի մը սուրին տակ իրարու կը հիւսէ երկու սիրտերը:

Ու փոքր, քիչ, վախկոտ բառերով` անիկա հասկցուց իր սիրականին ինչ որ կը պառկէր վերի սենեակին մէջ…

Մէկ ձեռքին փոքր ճրագը, զոր հազիւ սիրտ էր ըրեր վառելու դրանը սեմին, միւսով ալ Սողոմը քաշելով թեւէն, զարհուրագին, աչքերը հազիւ բաց` մտաւ պառաւին սենեակը: Յանկարծական սաստ մը գլուխը պլորեց` իր ուսերուն կեդրոնէն դէպի ետ ծոծրակին ծխնին փետտելու չափ ուժով: Վախը չէր ատիկա: Դիակէն գարշա՞նքը: - Ամէն շաբթու անիկա հեղ մը գովքի կը նստէր մեռելի մը մահիճին: Մարդեր կան, որոնք անկարող են հանդուրժելու արիւնին տեսքը: Թարմ հոսած արիւնին հոտը նոյն տպաւորութիւնը կը գործէ որոշ տարիքի ու Աղուորին նման յղութեան քմայքներուն ենթակայ կիներուն մէջ: Տատանեցաւ անիկա իր ոտքերուն վրայ: Սողոմը արդէն առած էր մէկդի ճրագը անոր մատներէն, միւս ձեռքն ալ երկարած դէպի անոր մէջքը, բռնելու, կասեցնելու հ ամար հոսումը անոր մարմինին: Փակ աչքերը, սեւ թարթիչներու նեարդաւոր մագաղաթին մէջ, անոր վրայ ըրին ազդեցութիւնը մասնատուփի ոսկորներուն, որոնք չեն երեւար, բայց կը բուժեն մեր ախտերը: Մեռե՞լ: - Ռունգերուն բարակ թերթերը ճերմակ վարդէ մը նոր փրցուած ու դրուած կը թուէին, հեւուն ու բաբախուն, ստոյգ նշանը մնալով գործող սիրտին: Բայց տպաւորիչ բան էր մահանման դալկութիւնը, որ բուսաւ անոր երեսին, աղտոտ լոյսէն անգամ մըն ալ դեղնելով: Կարծես մէկը քանակի մը բերնով հաւաքեց, սրբեց արիւնը անոր այտերէն, քիչ առաջ այնքան խորունկ կարմիրով, թաղելու չափ իր տակ միսին ճերմակը, կիրքէն ու տղուն շրթներէն բոցի պէս վառուած: Ո՞վ բերաւ անոր միտքին պատկերը իր մօր, որ դանակին կռնակովը սերը կը հաւաքէր կաթին երեսէն: Ընկրկեցան` ուժ առնելու համար պատէն: Կռնակը` տղուն, դէմքը դիակին` անիկա ստիպուեցաւ աչքերը բանալ: Իր սարսափէն վեր բան մը կը հրամայէր իրեն: Սողոմին մատներէն դողացող լոյսը քստմնելի, բայց չմոռացուող պատկեր մը կը շինէր հսկայ, գեղադիր անկողինին մէջ: Միւս եզերքէն վերմակը ինկած էր գետին: Տղան չկրցաւ յիշել, թէ երբ պատահած էր ատիկա: Պառաւը գլխուն տակ բարձ չունէր, անկողինին լայնքին երկարած ըլլալուն: Ճերմակ` բայց փոսացած սաւանին վրայ մածնացած արիւնը կլոր ու մեծկակ արատ մը կը կաղապարէր: Զայն նմանցուց ձիւնի ատեն հորին կափարիչին, որ ճերմակէն կը զատուի սեւ ու տգեղ: Հզօր ու ոճրային սա րոպէներուն ինչո՞ւ ընտանի, բայց մոռցուած պատկերներ կը յառնեն մարդոց մտքին մէջ: Ու եղաւ նոյն գիծէ ուրիշ տեսարան մը, ցածուկ տանիքէ, իրենց տանը ներքին, միասենեակ տունէ մը, որուն լուսամուտը սեւ լուսնկայի մը պէս կը կլորնար, տանիքին միապաղաղ ու յուսահատեցնող սպիտակութեան մէջէն: Աղքատիկ այդ սենեակին մէջ կ՚աճէր անուշիկ աղջիկ մը, որ նշանուած էր ուրիշ աղքատի մը, բայց կ՚ուշանար խրճիթի սեմին ու կը մոռնար ապուրին պտուկը, ով գիտէ ի՛նչ բաներու ետեւէն արձակած ինքզինքը ու կը սպասէր, որ Սողոմենց տղան դառնայ խաղէն, խնդայ ու խօսի հետը…: Լոյսին այդ պղտոր սարսուռին մէջ, որ գործն է անապակի ճրագներու, կը բուսնէր, կ՚եռար տարօրինակ շողիւն մը, անկայուն, շինուող ու տրուող, պառաւին մարմինը մէկ եզերքէն միւսը տարուբերող, բայց մնալով, հէնքին մէջ զօրաւոր ու անհերքելի, ա՛յնքան` որ ճառագայթները, հաստ ու սեւասայր, կը նմանին արիւնէն յօրացած ու մոխրացած ճճիներու: Տեսան սակայն պաղած արիւնն ալ, որուն վրայ ամէն բան կը թուէր նոր, իրաւ, անմեկնելի: Մութցան անոր աչքերը հեղ մըն ալ, պարպուած գուցէ առեղծուածին բախելով, որով կը սպառնայ մեզի թշուառական հեղուկը, ա՛յն` որ այնքան բաներ կը բերէ մեր գլխուն ու մեր սա սուտ օրերուն մէջ երբեմն այնքան եղերական վայելչութեան, անյագելի համեր ու այնքան մեծ իմաստներ կը ցրցքնէ, իր կայլակումին մէջ մանրանկարելով անհաս խորհուրդն ու համը տիեզերքին: Արեւը ուրիշ բան ըլլալու չէ ծոցը սա մեծ մարմինին, որ երկինք կը կոչուի…: Չբացաւ անիկա աչքերը: Նոյն ատեն շատ սուր բան մը ծակեց անոր սիրտը: Ակնթարթի մէջ, անոր տրուեցաւ սողալը հարուածին, որ կատարուած էր դաշոյնով, միայն կոթ այդ րոպէին, կոտրուած իր մարմինէն, քանի որ պողպատ մասը չէր երեւար, թաղուած ըլլալով միսի մէջ: Առքը այնքան հզօր էր, որ վերցուց թարթիչները: Սեռն ու արիւնը նոյն մագնիսին երկու բեւեռներուն կը նմանին: Իրարմէ կը վանուին, բայց չեն ըլլար առանց իրարու: Դաժան ասղնտուք մը կ՚արձակուէր կոթին մանրուկ գամերէն, խուսափուկ, փոխն ի փոխ բոց ու արիւն, կրակ ու ճառագայթ, առնող ու տուող, աչքերու հոյլի մը պէս որոնց հանդիպումը կ՚ընեն պզտիկ աղջիկները, երբ Գաբրիէլ հրեշտակապետին հսկայ նկարին առջեւ կը ծնրադրեն ու կը սարսռան սարսափէ, մանր, միամիտ, խոր սարսափէ մը, գամուած անոնց կոյս հոգիներուն խորը տասնով-քսանով աչքերէ, կլորցող հրեշտակապետին կարեւոր յօդուածներուն, ուսերուն, արմուկին, ծունկերուն ու պորտին: Դժնդակ այդ պատկերը սուրը քաշած զուարթունին, գահազուրկ` իր առթած խռովքին պատճառով, ամէն աղջկայ հոգին հեղ մը կ՚այցելէ, երբ դէմքը գտնուի մեղքին կամ արիւնին: Որո՞ւ համար էր թափուած այս արի՜ւնը:

-Տէ՜ր Քրիստոս, - հեկեկաց անիկա ու աչքերը վարագուրեց` ճերմակ շապիկին մէջ մխրճելով իր գլուխը: Իջած էր ծունկի, դիմանալու անկարող: Անոր գլուխը քսուեցաւ տախտակին, ուր մարմինի հոտ մը կը թափառէր:

Սողոմը, օգտուելով առիթէն, ծռեցաւ մեղմ դէպի դիակը, ու բռնեց դաշոյնին կոթէն: Իր այդ շարժումը վեր բերաւ խոնարհած ճակատը Աղուորին: Անոր աչքերը պաղած, կը հետեւէին բազուկին աջ ու ձախ հակումին: Վէրքին մէջ խառնշտո՞ւկ, թէ դուրս քաշելու համար անհրաժեշտ մանր ճիգն էր, որով կը դողար տախտակամածը, Սողոմը խելք չըրաւ իր մարմինին շուքովը պահելու տեսարանին վայրագ սառնութիւնը: Հանած էր դանակը, որուն բերանը, սեփ-սեւ, կը հերքէր իր իմաստը, հեռու պողպատէն, նմանելու չափ տղոց ձեռաշէն փայտեայ դաշոյններուն: Յիմարութեան մօտ խռովք մը փայլակեց անոր ներսէն: Յիշեց առտուն, Ուստիա՛նը, կեսուրին ու իր վայբերանութիւնները:

-Մայրիկ, մամայի՜կ:

Ճիշդ ու ճիշդ տասնամեայ մանուկին նման, որուն հայրը կ՚իյնայ կացինին տակ, իր տղոցը աչքին առջեւ ու կը ստիպէ փախուստի, երբ մարդասպանը այդ կացինը կը բարձրացնէ հեղ մըն ալ, աջ ու ձախ բարտելու նպատակով: - Դասական այդ ճիչը, զոր ամէն մանուկ յեղյեղած է այնքան անգամներ, ցաւին ու խորունկ յուզումին դիմաց, անկար իր տառապանքը այդպէս խողովակելու ատեն: Կը վախնա՞ր իր գլուխէն, թէ կը վախնար իր տունին վախովը: Անիկա երկարեցաւ գետին, թարթիչները կարանած, հարազատ մեռելի պէս: Անոր կզակները նետուած էին իրարմէ, պատրաստ արձակելու ջղային իր կոծը, որուն պատկերը չէր ջնջուեր Սողոմին մտքէն: Շրթներուն անկիւնները կծկումի ելան: Այտերուն վրայ փոսի պէս գիծեր պրկումներ հոսեցուցին: Նոյն րոպէին կոկորդին խորէն ձայնին առաջին ալեակները, փոթորիկը կանխող: Գիշերուան լռութեան վրայ ջղային այդ հսկայ կոծը, սա սենեակին մէջ, այսինքն` դիակին կուշտին, վտանգէն վեր ու զայն այսքան որոշակի կանխող, վարի դուռը բախումի հրաւիրող ու դրացիները իր ոճիրին հանդիսատես ընծայող, - այդ կոծին պատկերը զօրացուց Սողոմին բազուկները: Ամէն մարդու մէջ անակնկալը պատճառ է մեծ ստեղծումներու: Չէր խորհած, բայց երկու բազուկները սեղմելու բուռն ճիգով մը - այդ պահուն անոր մատները կարծր էին, ինչպէս կտուցները աքցանին - անիկա իրարու հիւսեց նուաղած հարսին ծնոտները այնքան ուժգին, որ աղաղակին կծիկը փշրուեցաւ դեռ բերանը չառած Աղուորին խռչակէն: Ագուցուեցան անոր ատամները իրարու, կճրտալէն ու արնափրփուր: Բայց այդ բռնութիւնը տարտղնած էր ձայնին ուրուականը ու խնայած փողոցին մուտքին, ոճիրին սա դարպասէն ներս: Զոյգ ափերուն աքցանին մէջ շնորհալի երեսէն կը մնար ծամածուռ էջ մը թուղթ, փոսիկով ու ցցունքով, զզուելի թուելու աստիճան: Ջնջուած էին համի, փափկութեան միւս զգայութիւնները, որոնք կնոջ մը դունչը կ՚ընեն այնքան խռովիչ սիրոյ պահերուն: Շունչը ազատ: Բայց թեթեւ, շատ նիհար: Անիկա մտահոգ չեղաւ այդ մանրամասնութեամբ: Գեղին խոշոր յուզումները, որոնք տունը կը կործեն տունին վրայ, այրերը իրարու դէմ ճակատած պահուն, երբ իրարու վրայ խոյացած ատեն ամեհի երիտասարդները կացինները կը բարձրացնեն ու աչքով կը ճշդեն ու կը չափեն հարուածին աղեղը, պատահարներն են, յաճախակի ու հաշուի անցած, եւ որոնք ամէնէն շատ կը զարնեն փափկակազմ հարսները, հիւանդկախները, փողոցի երեսին ու կ՚ընեն նուաղումը` ընթացիկ, վիժումն ալ սովորական: Յետո՞յ: Ձգեց ազատ: Հիւսուած կզակները պահեցին ճնշումին կնիքը: Երեսին միսերը պիրկ իրենց գիծերէն իջան թեթեւակի: Դեղնութիւնը աւելի շեշտ: Փողոցը` փողո՜ց: Պատուհանին մէջէն երկի՛նքը` աղօտակի կարմրաւուն ու հսկայ մարմի՛նը բլուրին: Ի՞նչ պէտք ունէր տեսնելու ասոնք: Բայց այս զառածումները, նոյնիսկ րոպէական, կը խորտակեն մտքին ճնշումը ու մեզի կը դարձնեն անհրաժեշտ անգայտութիւնը, առանց որուն կեանքին ծանրութիւնը մեզ պիտի խղդէր: Խորհեցէք վիշտի մը ամբողջ կշիռին ու դուք պիտի խենթենաք զայն պարագրկելու հարկին դիմաց: Այս է պատճառը, որ կը շեղինք ու կը թափառինք, յապաղուն ընելու անգիտակից ճիգով մը մեր արշաւը դէպի մեր փոսը: …Յիշողութիւններ, մօտ ու հեռու: Տարին զինքը ետ, պարզ կեանքին, որուն վրայ չըլլար զարկած արիւնին սա սեւ լուսնկան: Բայց պահը վերստացաւ իր մամուլը անոր գանկին վրայ: Չէր կրնար աչքէ հեռացնել Աղուորին պառկուածքը, այդպէս անշունչ: Խուժեցին օտարները: Դպաւ ճակտին ու փախցուց մտապատկերը: Դիակը շարժեցա՞ւ: Բռնեց լոյսը քիթին ու պառաւին դէմքը պատանքի միայն էր կարօտ, այնքան խնկագոյն ականջներուն բլթակները ու այնքան մեռել` ռունգերուն զառիթափը: Որքան շուտ կը հասուննայ մեռելի մը դէմքը դէպի մեռելութիւն: Վերջին շունչին հազիւ սկսած` դեղնաւուն բանը մեծ արագութեամբ կը հոծնայ ու մէկ ժամ յետոյ մարմինը հասունցած է գերեզմանին համար: Դարձաւ Աղուորին: Բարակ կարմիր մը, որ ճրագէ՞ն կ՚իյնար, թէ մորթէն կը պարզէր, ըրաւ զինքը երազուն: Ու կեցաւ անիկա: Կը լսէր տեւողութիւնը, որ միջոցին ալքերէն անսպառ դոյլերով հատ-հատ կը թափէր վրան, վրայէն` տակը: Ինչ հսկայ ջրտուքի անի՜ւ: Բայց ինչ ընե՜լ: Որու ձգել սա կնիկը: - Սերոբի՞ն: Այս գորշ պատկերին այցը շատ զօրաւոր ցնցում առաջացուց անոր քայքայուիլ առած կամքին մէջ ու կարծրացուց անոր տարտըղնումը: Անոր միտքը եղաւ հսկայ հնոց մը, որուն վրայ պտուտքող դանդաղ ծուխը չքացաւ մէկէն ու բոցը ժայթքեց: Պոռթկումի այս զգայութիւնը թեթեւացուց զայն: Նալպանտենց տունը կ՚այրէր անոր ուղեղին մէջ ու ինք կը տեսնէր գրեթէ որոշակի, այդ հրդեհը, մանրանկար ու պղտոր` ինչպէս ջուրով լեցուած շիշին մէջէն ճրագի մը բոցը: Նալպանտենց տունը կ՚այրէր: Անիկա մոռցաւ իսկ, թէ Սերոբը կը քնանար անդին: Ամէնէն առաջ, տակաւին հօրը գերեզմանին վրայ, անիկա ուխտած, վճռած ու իբր կատարուած նկատեր էր այդ սպանդը, գուցէ Աղուորին գլուխը ազատ ընծայելու անգիտակից ցանկութեամբ: Այս էր պատճառը իր մոռացումին: Պառաւին մուտքը տեսարան շրջած էր այս ծրագիրը: Չեկա՞ւ մտքին միւս մասը իր երդումին: - Նալպանտենց հունտը հատցնել: Բայց ի՜նչ ունէր նուաղած սա կնիկը Նալպանտենց արիւնէն: Փորի՞նը: - Թօթուեցին զայն խորունկ, անհաս լարեր: Իր զաւա՜կը: Հայր էր անիկա, երբ գրկեց Աղուորին մարմինը, անզգայ` բայց տաք: Ո՞ւր: Մտքէն չանցուց արթնցնել: Ու տարօրէն գոհ էր այս նուաղումէն: Ծանօթ, ըսես նախանցեալ ապրումի մը մէջէն, ճամբա՛ն` զոր կը փռէր իր կոյր քայլերուն ճակատագիրը առաւօտէն ի վեր: Ո՞վ է վարողը մեր բազուկները: Ճամբա՜ն` ուր կը մղէր զինքը սլաք մը ներսէն, խղճմտանքին մութերն ի վար ցոլացիկ, անողոք, պողովատիկի մը ծայրէն, հեռու փարոս, հսկող ոճիրի մը աչքէն: Ոտքի՛: Ինկան Աղուորին թեւերը իր կռնակին, նման փայտի կտորներու, ու անոր սրունքները կը ծեծէին իր ազդրերը, կախ ու ճօճուն, շարժումին հպատակ ու քիչ մը մեռել: Սանդուխն ի վար: Բակ: Դռնա՜կը: Յիշեց երջանիկ գիշերը: Անցուց, քիչ մը տրտում, բայց աշխոյժ, գիրկի՛նը ծառաներու բաժինէն: Գոյութիւն չունենար խշտին, իր երկու հզօր տարիներով: Մեր տագնապին մէջ, աննկատ բաներ երբեմն կ՚ընեն դժնդակ խուժում: Գուցէ մենէ կը հանենք ատոնց դառնութիւնը: Ի՜նչ տխուր ու ցած ու ստոր էր մարդու հասակով այդ հաւնոցը, ուր ոտք չէր կոխած Նալպանտենց հարսը: Պարտէզի դուռին կեցաւ անիկա: Սիրտը ոտքի էր, զարկը փոխադրած Աղուորին աջ ստինքին, կուրծքին պատանքը ծակելու ու միսին մէջ վազելու հարուստ կորովով, լեցնելով նոյն խռովքով անոր մարմինին հեռու մասերը մինչեւ, առնելով-տալով բոլոր երակներէն: Կը տեսնէ՞ր: - Աղօտակի, գուշակօրէն, շօշափելով, առանց համարձակելու վար առնել կուրծքին բեռը: Դո՜ւռը: Գերա՛նը: Ապահովութեան պարապ թիթեղը, ով գիտէ ո՛ր խենթէն ըսուած ու տարիներէ ի վեր գործադրուած պառաւին կողմանէ, որով իբր թէ հրաշքով կոտրած ամեհի սիւնէն ետքը, բացուող դուռը պիտի տապալէր առարկան ու աղմուկ բանար դէպի քուն անոր ականջները: Մտածե՞ց: Կորովի, մէկ ձեռքին առած Աղուորին մարմինը, ազատով հրեց մէկդի գերանը: Մեծ ու սպառող էր այդ ճիգը: Հարս ու կեսուրի ուժը մէկ կ՚ըլլար յաճախ, անձրեւոտ առտուներուն, դուռը կռնակէն պաշտպանող մեծղի սիւնը շարժելու համար: Ըրաւ մինակը, կեսովը, կարելին: Ու գերանը հաստ, մեղաւոր կնիկի մը պէս տեղի տուաւ ու մտաւ իր անկողինին մէջ: Երբ բացաւ դուռը` անիկա աւելի ծանր գտաւ ինքզինքը: Ո՞ւր պիտի տանէր: Ու ինչո՞ւ: Կը գործադրենք բաներ, որոնց վրայ մտածելու ատենը չենք ունեցած. մեզի կը թուի այսպէս: Բայց մտածեր էինք շատ առաջ: Կը հաւատա՞ր երդումին, Նալպանտենց հունտը հատցնելու վրայով: Անիկա հայր էր, խեղճ ու շուարուն ու կը գործէր այդ սլաքին տակ: Քալեց դէպի բացադիր արիշը, երեք դիով պատսպարուած, հովանոցակի նման, որուն ներքեւ, սիրուն ու իր մատներովը մէջտեղ եկած տախտերուն վրայ, այնքան յաճախ ու մենակի, կը նստէր Նալպանտենց հարսը, հեքիաթէ մը վերցուած ու հոն ղրկուած տեսիլքի մը պէս, ափերը ծնօտին, աչուըները գոց, ծառերուն իսկ փոխանցելով իր հրապոյրին հուրքը, խռովքը, ինչպէս կը պատկերէր ժողովուրդէն երգ մը, աղուոր աղջիկ մը այդպէս լացուցած ատենը, հանելով լեզու վարդերն ու խոտերը, պատմելու համար «սիրական»ին, թէ որքա՛ն սուտ են արցունքները նոյնիսկ գիշերուան մեծ աչքերէն, տրուած իրենց ծոցին, քանի որ թել մը արեւ բա՜ւ է ամէն ինչ մարելու, տանելու: Ու անկարելի սպասումին ասեղին տակ անիկա խորվըւած ու մեռել, ցանկացեր էր հանգչիլ ու հատնիլ: Գիշերը զով ըլլալու էր: Տերեւները որթին, խոշոր ու եղկ, կը փսփսային անոր ոտքերուն ներքեւ: Դրաւ մեղմ տախտի մը վրայ: Խոնաւ ճիչ մը փայտերէն: Աղուորին մարմինը առանց նեցուկի չէր կարող ձեւ առնել: Մեղմ` երկարեց սրունքները, պաղ ու փուտ միս: Յետոյ` գլո՛ւխը, զոր տեղաւորեց հոն մոռցուած փայտեայ աթոռակի մը յատակին: Սարսո՛ւռ: Կը մսէր Սողոմենց տղան, հովէ՛ն` որ լերան կիրճերէն կը բերէր աւելի բարձրկեկ ձիւներուն շունչը: Նստաւ մօտը` ծունկերը հողին: Անոր վար ինկած թեւերը տեղաւորեց կուրծքին: Յետո՞յ: Դեռ անոր մտքին մէջ չէր ուրուացած պարապը, որ ոճիրէն ետքը կը զարնէ ամէնէն կարծրահոգի մարդասպանին անգամ: Ափը դրաւ անոր սրտին: Տաք էր: Ու Սողոմենց տղուն ափին մէջ սկիզբ կ՚առնէր Նալպանտենց կրակը: Տխուր` բայց բռնաւոր փափա՛ք մը, շօշափելու անոր որովայնը, բայց չհամարձակեցաւ: Չէր ըրած այդ բաղձանքը օճախով սենեակին ալ մէջը, երբ գիրկն ունէր անոր մարմինը: Քիչ-քիչ անիկա նեղուիլ առաւ տեւողութեան այն անձուկէն, զոր պարապը կը ծաւալէ մեր ներքին հրդեհէն ետքը: Ի՜նչ պիտի ընէր: Զգաց առաջին դառնութիւնը ոճիրին: Պառա՜ւը: Ողջ թէ մեռել` անիկա տէրն էր կացութեան: Թեթեւ հառաչ մը տարտղնեց, գոյաւորող այս ստրջանքը: Գոհ եղաւ այդ ձայնի փշուրէն: Նոյն ատեն զայն նկատեց իբր ազդարարութիւն մը: Յիմար էր, այսպէս նստած մտմտալով ուշ բաներու վրայ: Ան ունէր ընելիք: Անգամ մը իր սիրածը, աւելի ճիշդ` իր զաւակը վտանգէ դուրս գտնելէ ետքը, անիկա ճակատ ճակտի զգաց ինքզինքը մեծագոյն վտանգին հետ, որ դէմի հսկայ տունն էր մութին մէջ կանգուն, ու անկանգնելի բախտով մը դատապարտուա՜ծ իջնալու գետին: Մութը բաւական չէր ծածկելու Աղուորին դալուկ երեսները, որոնք իրենց կաղապարը կը կտրէին խաւարին կերպասէն: Զով այդ երեսները: Զայն ձգելէ ու գործին սուզուելէ առաջ չհամբուրեց զանոնք, վասնզի հովէն թեթեւակի կոծուած ոստեր ու ծառեր անոր մտքին մէջ ուրուադրեցին տեսակ մը դաժան թափօր, կամաց ու քսքսուն: Որթի տերեւները կը քալէին ու իրենց աստղային սայրերուն վրայ թաւալումին տեսարանը, իր պատանութեան ամէնէն քաղցր ու տխուր յուշքերէն, կրկին բուսաւ, մութէն վարագուրուած, բայց գուշակելի, երբ խելօք մանչուկ մըն էր ինքը ու առանց մեղքի: Թափօ՜ր, քշոցովը կաղամախիներուն, օրօրուն ու յիմար, այսինքն` պառաւին դիակը դէպի գերեզման: Ու տարօրէն նման այն միւս պատկերին` վերի, շանսատակ սենեակին մէջ, նոյն այդ պառաւէն, Աղուորին սրտակեղեք ճիչովը փորագրուած անոր խղճմտանքի ճակատին, դուք ըսէք` մարմարքարին: Յետոյ` հովի երկրորդ շարժում մը, նոյնքան խոր ու երկարուն: Ու խռովք… ու փոշի… ու տրոփ: Ոստիկաններ… ծեծ… բանտ…: Տողանցը կանգ առաւ, վասնզի բուսած էր միւսը: Ատենն էր այս երեւումին, որ անոր թելադրեց իմաստը ընելիքին ու խաղաղեցուց անոր ալեկոծումը, ըրածին դէմ ապշահար ու անփորձ պատանիէն: Ուրուականի մը թափանցկութեամբը, ձեւ ըլլալէ աւելի շարժում, մտածում, կիրք ու գործադրութիւն, անոր բանտի ընկերը կը նմանէր իր շուքին, աւելի բաց, բայց զգալի: Նեղուեցաւ ու չէր գիտեր, թէ արուն էր ատիկա իր մէջ, որ օտարին ներկայութիւնը իր սիրածին կարգ մը վիճակներուն մէջ դժուար կը հանդուրժէ: Տհաճ, ազատելու համար իր «կինը» օտար այդ աչքէն` բացուեցաւ անիկա: Բայց քայլերը կը հնչէին չորս, ու քիչ մը շատ ալ որոշ: Իրական ըսուելու չափ զօրաւոր էր ուրուարձակումը, որ կը կենար անոր կեցած տեղը ու կ՚առաջանար անոր քալած ատենը: Դո՛ւռ: Խշտի՜: Բա՛կ: Մտան գրեթէ երկուքով: Պարտէզ նայող անկիւնին, բակէն կանգ առաւ անիկա: Հոդ, պատիհոնի մը մէջ, կը նստէր քարիւղին փոքր ամանը, գործածական կուկումը, կեռ իր կտուցովը քանի հեղ դպած Սողոմին արմուկին, երբ բեռնով կ՚անցնէր առջեւէն: Առա՛ւ: Ու ձեռքին մէջ, անշունչ այդ առարկան, ինչպէս մարդու մը բերնէն, արձակեց տարօրինակ աղաղակ մը, այնքա՛ն տպաւորիչ, որ ստիպուեցաւ թողուլ իր տեղը: Բայց թիթեղը զարնուած էր երկաթի: Տակնուվրայ` տո՛ւնը, կատուներու խռովքէն շատ աւելի բանով մը ալեկոծ: Սառեցաւ անիկա, շունչն իսկ արձակել վախնալով: Սովորական, քիչ այդ ձայնը ինչո՞ւ այդքան խոր արձագանգ ունեցաւ անոր հոգիին վրայ: Ու զայն տարին վեր, պառաւին, դուրս, Աղուորին, հեքիաթին մէջ պատահական տղուն նման, որուն երկու սրունքները կը կապեն երկու խենթ ջորիներու պոչին ու կը փախցնեն կենդանիները, հակառակ ուղղութեամբ: Գնաց պատկերը: Հո՞ղ կար ոտքին: Դպաւ կրունկով ու զգաց, որ թաց էր, ցեխ, գուլպան: Անգամ մըն ալ մտաբերեց կոշիկները, պարտէզը, սանդուխին ոտքին, բայց չելաւ դուրս: Մտիկ կ՚ընէր: Դուրսէն, հեռաւոր ու խուլ աղմուկը միշտ, քաղցու եփողներուն, բայց աւելի շէջ: Աղքատին ամենականը, բանը ենթակայ է այս նուաղումին: Անոր փայտն անգամ վախկոտ կը վառի մեծ օճախին մէջ, վասնզի լեռնէն չէ, որ կու գայ, այլ` պարտէզներու թուլհիւս ու փուտ ծառերէն: Հաց-եփ Մարթայի մէկ կաթսայ անուշը` հարուստ տուներու օրեր դիմացող զբաղումին մէջտեղը, պէտք է եփի սուսիկ ու փուսիկ: Կատոզի մը գագաթէն, լուսամուտէ մը, թեւ մը բոց, հեռուէն ըլլալուն նիհար ու ցանոտ, թրթռաց պատին, ծփծփաց ու մեռաւ: Մութէ կը վերադառնար իր այցուած, ցնորատու հոծութեան, որուն մէջ դալկացում, փսորում կը դիտուի, երբ մեր նայուածքը, ներքին մտրակէ մը վտարական, խոյս տալու հարկադրուած մեր խղճին շառայլէն, ապառաժի հրուած երէի մը նման, եղջիւրներովը կը փորէ ու կը փորէ անոր երեսը: Ա՛ն` որ կռնակին դիակ մը, ծոցին կնիկ մը եւ զաւակ մը, գլխին մութը, ու տակին հողին երախը, որ կը կակուղնայ, կը փոսնայ, նստեր է մինակը ու իր միտքը ջանացեր պաշտպանել այցուոր-ուրուականներէն` անիկա պիտի զգայ, թէ որքան դժուար կը փրթի ապառաժին մարմինը եղջիւրին տակը մեր խղճի խայթին: Ե՞րբ առած էր կրկին կուկումը: Թշուառական առարկան ծանրացաւ իր մատէն: Օխանոց այդ ամանին մէջ աշխարհք մը փորձա՜նք: Կրակ: Կրա՛կ: Կրա՜կ: Յանկարծ յիշեց վաճառման թիթեղը: Քայլ մը անդին, կատոզի մը լաստակերտին ներքեւ: Քաշեց ու վերցուց թիթեղէ ամանիկը դէպի գօտին: Գրեթէ պարա՜պ: Այս հաստատումը զարմանք բերաւ անոր: Մոռցեր էր ամբողջը, կառչելով մասին: Բանտի տղան, պալատ մը կրակելու համար թիթեղ էր շալկեր ու սանդուխին առջեւ ստիպուեր կանգ առնելու: Վասնզի զգացեր էր փրթիլը ուսին: Անոր պատմումովը երկաթը աւելի թեթեւ պիտի գար այդ րոպէին: Շփոթ բան մը ծաւալեցաւ անոր մտքին բոլոր բացութիւններուն վրայ: Չէր կրնար իրականը, ցնորքը, ուրուականն ու հաստատ ուրուացումները զանազանել իրարմէ: Ու ինչպէս կառք մը, որուն անիւները կը բռնուին ձիւթ ցեխի մէջ, անոր մտածման մեքենան խրած կը թուէր արեան ճապաղիքին մէջ: Բայց ահա նորը: Անիկա անտանելի ալ գտաւ իր ընկերը, որ կռնակէն կը քշէր զինքը վեր, սանդուխէն: Մուտքին` անիկա հեղ մըն ալ թօթուեց թիթեղը: Չէր վախնար թրթռագին հծծիւնէն, որ լացի պէս թափեցաւ մութին մարմինին: - Մա՜տ մը բան` տակինը: Ու կը զարմանար անիկա: Իր զգայութիւնները եղծուա՞ծ էին, թէ ինք մոռցեր էր ամանին պարունակութիւնը: Դարձաւ կրունկներուն վրայ: Բակին մէջ անոր քայլերը կը սահէին, ինչպէս իւղի նման ճամբայէ մը: Վարժութի՞ւնը զոյգ տարիներու ոտնումին: Կոկիկութի՞ւնը տան կիներուն: Նալպանտենց բակը յարդին շիւղն անգամ կը վախնար իյնալու, ամենատես պառաւէն հալածական: Ամէն բան իր տեղը, տարիներէ ի վեր, անփոփոխ օրէնքներով: Ան կ՚երթար ձեռնելու թիթեղներուն խորշը: Երկու ամիս առաջ ինք էր բերած թիթեղը նաւահանգիստէն իր ձեռքով ու զետեղած հաւբունին վերի պատիհոնը: Հաւերէն վա՞խն էր, որ մոռցուցած էր իրեն այդ ծակը: Բայց գնաց առաւ: Հազիւ թիզ մը բան գործածուած էր հեղուկէն: Բայց բաւ` գեղը լման կրակելու: Այս եզրակացութիւնը արդիւնք չէր մտածումի, վասնզի այդ րոպէին անիկա զգայութիւն էր միայն: Բայց մէկ երեսով ստիպուա՛ծ ընելու այսպէս, վախնալով խորացումէն, վասնզի դատումի, ուշադրութեան ամէն մէկ ճիգին արդիւնքը կ՚ըլլար միւսին, ընկերոջը հեծնա՜լը գլխուն: Յետոյ նեղկուկ` բայց բաւարար գոհունակութիւն մը, որովհետեւ դէպքերը կը քալէին նախածանօթ իրենց ճամբովը ու անոնցմէ առնուած էր անակնկալին տարտամը, անգայտութեան հետ կապուած հողէ, հաստատ կռուանէ զատուելու դառն արհաւիրքը, որով մեր տունը կը քանդենք մեր ձեռքովը, նախանձի, կասկածի, կիրքի այդ հոսումներուն վրայ վերցուած ինչպէս տաշեղ մը: Գոհ էր անիկա, որ խնայուած էր իրեն դիմախլումը պատահական շեղումներու, պարտադրելով իրեն աւելորդ տագնապ ու սպառում, արտօնելով, որ իր ուժերը ի սպաս դրուին հիմնական հոսանքին ղեկավարումին: Տենդի այդ րոպէներուն մեր հոգին կ՚այրէ քանի մը տարուան կորովի, կենսածուխի պահեստ: Թերեւս այդ է պատճառը, որ հոգեկան խոր խռովքներուն յաջորդող թուլացումը ըլլայ այնքան երկարաձիգ ու մեզ անկամ, աղկաղկ ձգէ նիւթական ցաւէ մը աւելի հիւծելով մեր կամեցողութեան սարուածը: Ու շեղումի դէմ այդ դժկամութիւնը ըրաւ անոր միտքը` հլու` բանտին պատմումին: Բազմադրուագ այդ յեղումներէն, ուր մարդերու անասնութիւնը ինքզինքը արժեցնելու այնքան գանելիք ձեւերու կը զիջանի, անոր ուղեղը յամառօրէն գրաւուած կը մնար կրակող տղայէն: Ու առաջին վայրագ ճիչէն, որ ելեր էր սարսափած աղջկան բերանէն զայն ծոցն առնելու ստիպուած պահուն, մինչեւ կրակին մէջ եփելու դրուած սիրականին ճենճերուն հալումը` անիկա գոց էր սորվեր դրուագումին լրիւ սարքը: Վա՜յ անոր, որ բռնաբարուած աղջիկ մը կրակին չ՚եփեր: Հէ՜յ իմաստութիւնը մեր բնազդներուն: Նալպանտենց հարսը աղջիկ մը չէր, ոչ ալ բռնի ափափուած կին մը: Թողուց հակազդեցութեան իր անիւը, ու տուաւ իրեն կրաւորական ընկալչութիւն մը: Դասը վարժապետին առջեւ զրուցողին նման հնազանդ` անիկա կը հետեւէր դէպքերու գնացքին, որոնք զօրաւոր էին իրմէն: Ուսը չառաւ սակայն թիթեղը: Բանտի տղան, փափկակազմ, կիներու ծոցին մէջ ջերոցի դրուած, ողնուղեղէն մշտահոս, աղքատիկ էր ուսէն ու բազուկներէն ու չէր կրնար մօտիկը դրուիլ Սողոմին, արեւին ու հողին մէջ եփած ու, կին չճանչցած: Երկրորդ յարկ: Իր տունն ըլլար: Ներսը սպաննուած չկենար: Մութը առտու չունենար: Ու կեանքը ըլլար սա այցուած սեւութիւնը միայն, ծածկուած մարդոցմէն, բայց տարօրէն քաղցր` անոր ջիղերուն: Չզարմացաւ այն սառնութեան, որ թափուած էր կրկին իր վրայ: Ափը` երկաթ: Թողուց պահ մը թիթեղը գետին: Զգուշաւոր` ձայնէն աւելի ուրիշ բանէ մը: Միօրինակ խրխռոց մը` կիսաբաց դուռնէն: Խորդալն էր Նալպանտենց Սերոբին, մեծափառ, անգէտ, եւ պղտո՜ր ներքին աղտին ամբողջ գարշութեամբը: Մարդոց մեղքերը յաճախ կը խառնենք անոնց ֆիզիքին: Սապատողը չի կրնար շիտակ նայիլ մարմինէն` ինչպէս հոգիէն: Իգացողը կը հագնի հին այն շապիկը, որով կիներուն դաւերը սիրած ենք պատկերել: Միւս կողմէ` կիներուն անկումին մէջ դեր ունի անոնց ֆիզիքին ալ ցոլքը: Բայց այրերը կը տգեղնան իրենց կիներէն: Ախո՜ռ: Հարիւրապե՜տ: Ծե՛ծ: Երե՛քը մէկ: Անոր ոտքերը չէին սպասած իսկ անոր որոշումին: Դուռ: Մտնելէ առաջ սենեակ, փնտռեց դաշոյնը: Մատ մը, շատ վերերէն, մեր մէջ կը ղեկավարէ ոճիրին անուաշարքը: Ինչո՞ւ մոռցեր էր հիմնական մասը իր ծրագրին, կամ աւելի ճիշդ` ինչո՞ւ ամէնէն կարեւոր արարքը սա գիշերին այսպէս ընկրկած կը պահուէր մէկ խորշին մէջը անոր գիտակցութեան: Ո՞վ մղեր էր ատիկա այդպէս ծակուծուկը: Դեռ ներս չմտած Աղուորին սենեակէն` անիկա չէր յիշեր դաշոյնը, գուցէ անոր համար, վասնզի բանտի պատմումին կը պակսէր էրիկմարդ զոհը: Գուցէ աւելի գաղտ բան մը, անոնցմէ, որոնք կը պատմուին, բայց դժուար հաւատալի կ՚ըլլան, ուրիշին կնիկին բռնութեամբ տիրելու ու դանակի ուժով էրիկը լռեցնելու դրուագներ: Եկաւ մտքի դաշտին Գրեղը, որուն ախեխի պէս թափանցիկ միսերով կնիկը գրաւուած էր տանը ծառայէն, գեղին ամէնէն կտրուկ ըմբիշը ու նոյն ատեն նշանաւոր մաքսանենգը: Ինչո՞ւ այս կնիկը հոս, սա պահուն: Նման բարեխառնութեանց մէջ հոգին կը գործէ մեզի անծանօթ ֆիզիքի մը սլաքովը: Ստիպուեցաւ մտածել, վերյիշելու համար դաշոյնը: Ու դիւրին սահումով, անոր միտքը կը հետեւէր ստուգութեանց շարքի մը: Դալուկ ու հեռու: Բանտիննե՛րը: Մօտ ու կարկառով ըմբիշ Առքելը, որուն երկայն հասակը երգը կը գովէր, երբ կը հեգնէր Գրեղին կուճուկ մարմինը:

Ախեխ կնիկէն ալ կարճ.

ծիծաղեցաւ, տրտում խռովքով մը տրորուած ըլլալուն հակառակ: Անցեր էր առջեւէն գեղանի Վառվառը, Գրեղին արքենի ու ակատի պէս տաք գոյնով կնիկը, որ կը ծեծէր իր էրիկը, ախոռը կը պառկեցնէր զայն ու ինք կը մտնար ծոցը «Երկար» Առքելին: Գացին այս պատկերները: Յաջորդ` ժողովրդական առած մը. «Քունն ու մեռելը մէկ է»: Ինչո՞ւ: Մենք երբեմն ոստումներով կը մտածենք ու չենք տեսներ հովիտները, որոնք մեր մտած ման երկու սարերը ներկայող լեռներու ոտքին կը փռուին: Քունի վիճակը նախագաւիթն է մահուան, չեմ գիտեր ո՛վ է ըսած: Ոճրագործին համար անիկա մեծագոյն զինակիցն է: Անոր մտածումը խրեցաւ ճահիճի մէջ, բայց մօտ, տունէ, սենեակին մէջ, արեան ճապաղիքով: Տեսած էր դաշոյնը, նետուած` պառաւին վրայ, արիւնէ սեւ խաւով մը: Թեթեւ մը վարանեցան ոտքերը: Քալեց սակայն: Չզարկաւ լուցկին ո՛չ զգայութեան, ոչ ալ փռուած պատկերէն վախուն, այլ` իր իսկ անձին հանդիպումէն տագնապուն: Շօշափեց` գտնելու համար մահուան գործիքը: Ու մութը մարմին էր, պառաւի, գօտի կապած ու սիրտէն դաշունուած: Ու ձեռք ունէր, պաղ ու այնքան խիստ, որ սոսկացուց պատահմամբ դպող մատները Սողոմին: Ու մութը դիակ էր, կծկուած, ռումբի մը նման հիմա քուն, զոր լոյսը բզկտէր պիտի ու տարտղնէր գեղին երեսին: Գտաւ պողպատը: Իրեն այնպէս եկաւ, որ շատ ծանր բան մը կը վերցնէր: Ու ճիգ ըրաւ զայն զատելու համար մածնացած ու փակած վիզէն: Երկաթի՞ն, թէ ճապաղիքին հոտը զայրագնեց անոր կիրքը: Ան երկու հեղ աւելի ուժով կը զգար ինքզինքը: Սրբեց խնամքով արիւնին չորցած խաւը, թքնելով պողպատին, ջուրի տեղ, ու շփելով պառաւին շապիկին, որ խուլ շրշիւնով մը կը ճուար, իւղոտ ու խոնաւ ծիծերուն տարօրինակ այդ տափանումին տակ աջ ու ձախ տապկնալովը: Շարունակեց այս մաքրումը, մինչեւ որ պայծառ ու ցուրտ բան մը կարծեց տեսնել ափին մէջ: Բայց չէր անդրադառնար, որ հովէ բռնուած թթենիի ճիւղի մը նման կը դողար կամաց, ու կը դողար, առանց արգիլել կարենալու խուժումը իր ուղեղին մէջ, բռնակալ այն բանին, որով մտրակուած էին անոր բոլոր ջիղերը, թնճուկի պէս խառնակուած անասելի ճմլումներու ենթարկուելով, հալածելով նոյն ատեն թուլացման ամէն ուրուացում, ընկրկում, զիղջ, վերջապէս ինչ որ մեր խղճմտանքը կը հանէ իր ալքերէն իբր արգելակ, նման պահերու, դէմը առնելու համար եղերական բեկումներու, կործանումներու: Բռնաւոր անողոք այդ կծկումը զայն արեւելեց դէպի սեմը: Ու պաղ, անյողդողդ, ամբողջ, աննահանջ` մտաւ անիկա Աղուորին սենեակը: Կնիկի հո՜տ: Ինչպէ՞ս կը զատուէր ասիկա ծխախոտէն ու փակուած օդին շեշտ կծուութենէն: Նոյն ատեն գարշութիւնը ծուխին: Խղդող ու խոնաւ կպչունութիւն մարդկեղէն շունչին, որ օդը կը ժանգոտէ: Կակուղ, գետինը, փայփայանքի պէս ու ջերմ: Խորդացող Սերոբը խոշոր պուկ մը բան փչեց ու կեցուց խռչակին փքոցը: Պահը եղաւ սեւ մարմար, անգիծ ու անհեթեթ, մինչեւ որ պառկողին բերանը անցաւ շարժումի ու առաւ օդի սրուակ մը, պարպուող ու խռկացող: Դէպի անկողին: Ճակատէն վարագոյրը փայլակի մը պէս բացաւ ինքզինքը ու մարեց: Լոյսը կը հետեւէր Մարթային թեւին, որ օճախին տակ երտերը կը մէկտեղէր: Մութը խուժեց: Շապիկի ճերմա՛կ մը, զատուող` վերմակին գորշ պորտէն: Բարձին` քիչ մը քովնտի` կտոր մը սեւ մազ, ծոծրակին մօտերէն: Դէմքը` անգոյ: Փոխարէն` յօնքերուն գիծը, անորոշ ու շարժուն: Մութը առիթ կու տայ զգայութեանց սա եղծումներուն: Չափեց, որ մարմինը հակած էր դէպի աջ, դուրս ցցելով սրտին մարզը: Մտքէն չանցուց, որ կրնար արթննալ: Գեղը գիտէր անոր քունին երկաթը: Մտքէն չանցուց գութ, մեղք, վարձք: Մէկ ծունկը իջեցուց գետին ու գլուխը խոնարհեցուցած, հաշուեց անիկա քիթին գիծովը: Սիրտը գտնելու սա եղերական հաշի՜ւը, որուն ճշդութիւնը, անզգամ ու տարադէպ, զարմանքի նիւթ կը հայթայթէ շատ անգամ, զոհերուն թաղումէն դեռ բաւական ետքը: Բանտը կ՚արգիլէ վիզէն մորթելը, որ յաճախ կը վրիպի, ոսկորներուն ու դանակին պայքարին համար: Կ՚արգիլէ փորէն ծակելը, որ մահը կ՚օրրէ ու կ՚երկարաձգէ, առիթ տալով լիակատար խոստովանութեան ու ցուցմունքի: Կը յանձնարարէ սիրտը, ձախ ստինքին քովերէն, միահարուած ու խորունկ: Կեանքի գերագոյն գործարանին այս շանթահարումը մարմինը կը ձգէ անկանգնելի ու առանց աղմուկի: Դանակին համար այդ մարզը ստիպողական է, ինչպէս որ չի յանձնարարուիր ատրճանակին համար, որուն գնդակը կրնայ շուարիլ, անցնիլ թոքերէն, ու մահը յապաղել, ենթարկելով ոճրագործը իր հետեւանքներուն: Գտա՞ւ: Վերցուցած էր աչքը: Կանանչորակ երկու բիծեր, որպէս լուցկիի տուփի մը վրայ, մութին մէջ քսուած ֆոսֆորէն մնացած: Կատո՞ւն: Հարկա՛ւ, նայելով գիծ իր նայուածքը: Պատկերը անոր մտքին մէջ շինեց, ներսի դիակը: Ու, առանց ուզելու, խորհեցաւ պատճառին, որ արգիլած էր զինքը տեսնելէ պառաւին դիակը, վայրկեան մը առաջ, երբ դաշոյնը կ՚առնէր անոր վրայէն: Բայց ստիպուած էր ահա, միւս դիակէն առաջ, տեսնելու զայն այնպէս` ինչպէս տրուեցաւ իրեն ընել ատիկա, Աղուորին ձեռքէն դողդոջ լոյսին մէջ: Սառուցիկ բան մը ծաւալեցաւ անոր երակներն ի վար: Կը պաղէ՞ր, թէ հով կը մտնէր: Զգաց ատիկա ու անոր վճռականութիւնը, հալելու վրայ սառի կտորի մը պէս կը կոծկոծէր ներսէն: Վրայ հասաւ Սերոբին կուրծքէն նոր ու երկար խորդալ մը: Զզուելի էր ձայնին այս խարտոցը անոր ականջներուն: Յետոյ` նոյն ատեն` պատգամ մը: Աղուորին ծոցը ցաթեց անոր մտքին, զուգահեռ սա խարտումին: Որքան ատեն, որ այս խռչակը փչէր աղտոտ աս փքոցը, այնքան անիկա դատապարտուած էր զուրկ մնալու Աղուորին ծոցէն: Ու այդ ծոցը, քիչ առաջ վարի օճախով սենեակին մէջ իրա՜ւ, լաթով ու ջերմութեամբ ու սարսուռով: Հիմա ցնորական, վերէն, անկարելի խռովքի մը, ձգողութեան մը, համի մը ուժովը բռնացաւ սրտին: Գերզգայութիւնը գուցէ ընթացիկ զգայութեան հիւանդագին մէկ գերաճումն է, որ կը յանգի կիրքին, ասկէ` սեռին: Սեռին հեղումը ատրաշէկ մեր ջիղերուն վրայ զանոնք վայրկենապէս կը խորովէ: Ու կը հերքէ մեր անձը: Ոչ մէկ կիրքի մէջ այնքան հեռու ենք ներումէ, թուլացումէ, որքան սեռային կիրքին մէջ: Ատ է պատճառը, որ խաբուածները տարօրէն անգութ են ու կը զարմացնեն շրջապատը զգայնութեան անակնկալ ուժգնութեամբ մը: Ճիշդ է այս դիտողութիւնը նաեւ դէպի անզօրութիւնը: Ոչ մէկ ատեն մեր վատութիւնը այնքան խոր մեզ կը ստրկացնէ, որքան սեռային մարզին վրայ, երբ կը զիջինք ուրիշներու ինչ որ չենք կրցած պահել մեր թաթին: Եղաւ անիկա ակնթարթի մէջ անհեղօրէն անգութ: Ծնրադրեց զոյգ ծունկերէն: Աջ բազո՛ւկը` երկաթի պէս կոր աղեղով մը ամբարձիգ: Ձախը` թիզով մը բաց, բթամատէն ցուցամատը, մոյթի մը պէս փակցուց Սերոբի կոկորդին, մինչ ամբարձիգ աջը իր բոլոր ուժովը իջուցած էր դաշոյնը անոր սրտին: Տարօրէն արագ այս ամէնը: Ու կատուի չափ արագ միւս շարժումը, որով իր մարմինը նետեր էր պառկողին վրայ, սանձելով ոտքերու եւ ձեռքերու ամէն թափահարում: Բարձին խորը հրուած, փակցուած Սերոբին վիզը հազիւ քանի մը բզկտուն ճիչ կարողացաւ արտաբերել…

Հոգեկան հզօր անձուկի եւ կարգ մը յուզումներու ընթացքին, որոնք մեր լինելութեան կենսահիւթը անպաշտպան կը ձգեն վտանգներու ժանիքին, մենք մեր գիտակցութեան կողմնացոյցին վրայ կը հաստատենք կարեւոր այլայլումներ: Հոգեկան գործքերը անշուշտ ունին հեղումը իրենց շրջապատին վրայ: Անցէք քաղաքէ մը, ուր թուրքն է ապրեր դարերով, ու պիտի զգաք ցեղային հոսումը, որով ժանգուած են անոր սալարկները: Այդ այլայլումներուն մէջ ուշագրաւ է այն ընդարձակումը, որով տեւողութեան զգայութիւնը կ՚երկարաձգուի մեր սահմաններէն, վարժութիւններէն շատ աւելի լայն ու հեռու: 1915ին, երբ ինծի տրուեցաւ փախչիլ լրտեսի մը առջեւէն, հետքս կորսնցնելու գերագոյն լարումով, առիթ ունեցայ ապշելու տեւողութեան այս ընկրկումէն: Հինգ վայրկեան միայն կը զատէին զիս լրտեսին տեսարան մուտքէն եւ իմ խուսափումէս: Եւ սակայն ես քալած էի գրեթէ երեք օր, այնքա՜ն ծանր էին իմ քայլերը իմ մարմինիս տակ: Ժամեր կան, որ դարու մը չափ կը տպաւորեն մեր զգացական սարուածը ու կ՚եղծեն մեր տրամաբանող գործիքներուն ստոյգ տարողութիւնը: Ու երբ կը վերջանան, մենք նոր աշխարհի, նոր շրջանի մէջ մտած մարդոց նման, կը մնանք բերանաբաց, չհասկնալու չափ մեր յոգնութիւնը, հեռացած մեզմէ, ժամով մօտիկ իրողութենէն, տարիներ տեղաւորելու չափ ընդմէջ երկու վիճակներու: Աւելի՛ն. մեր մէջ կը բանանք անդունդը, եղերական փեռեկումը, որ կը կիսէ հոգեկան մեր միութիւնը ու մեզ օտար կ՚ընէ մեզի: Սողոմը գրեթէ ծեր էր, երբ հանեց դաշոյնը Սերոբին սիրտէն: Բաղնիքէ ելլող մը աւելի քրտինք պիտի չունենար: Որքա՞ն պահած էր երկաթը զոհին սրտին մէջ: Ըրաւ ինքնիրեն այդ հարցումը` կոթին քիչ մը շատ տաքութենէն դրդուած: Պատուհանները դողացին: Բոցին փայլակն էր, որ եկաւ ու անցաւ: Մռայլ այդ պայծառութեան` անիկա տեսաւ կծկուած ու գիծ-գիծ երեսը Նալպանտենց Սերոբին, առանց աչքի ու վիզին մէջ կիսաղեղը երկու հզօր մատներուն, որոնց եղունգները կիսագիծ մահիկ էին փորագրած միսին ճերմակ պաստառին: Գոց շրթներուն մէկ ծայրին` պուտ մը կարմիր: Մութ: Կրկին փայլակ մը: Ու այս անգամ քիթէն ու բերնէն մեծկակ արիւն: Ուրկէ՞ կը բուսնէր շանզաւակ հեղուկը: Մեր յիմարութեան մէջ մենք կը զբաղինք փուճ բաներով` գուցէ փրկելու համար գետին հակումը մեր մտածման գործիքին, տալով անոր քիչ մը աղօն, աղալու համար յարդ ու որոմ, որպէսզի խնամենք ինքզինքը աղալու աղէտը մեր մտքի երկանաքարին: Աղմուկ` բայց թեթեւ: Սանդուխին վրայ քայլեր: Աղուո՞րը: Թռաւ: Կատուներն էին: Բայց իր սրունքները դուրսէն դրուած երկաթի կտրուածքներու կը նմանէին: Անհուն, անգայտ յոգնութիւն: Յետոյ` զովացում: Նորութեան շեշտ հո՛վ մը վրան: Յետոյ` անդրադարձ, տեւողութեան անկիւնէն: Ինքնիրեն հարցուց ժամանակը ու կ՚ուզէր բռնել ծայրը դերձանին, որով սկիզբ էր առած իր մուտքը տանիքէն: Յետոյ` տարօրինակ իր օտարութիւնը այն վայրկեաններուն, որոնք սահած էին այնքան խիտ յուզումներու հանդէսով մը: Ու աղի պէս կծու հա՛մը յիշատակին, որ իրենց ծոցն էր, վարի մեծ սենեակի մութին մէջ, մուխ ու մոխիր գրկողի հոգեկան յատակով: Ու զզուանք: Ու զիղջ: Այնքան շրջում, անբնականութի՛ւն` այս յաջորդութեանց կարգին մէջ, որ անիկա ինքզինքը գտաւ հանգչած մարդ մը, ինկած իր կատաղութենէն` ինչպէս ուժէն: Թարթիչներուն տակ մութը թեթեւ մը կ՚եփէր, կարծրկեկ` բայց հալելու վրայ կուպրի մը միսով: Ու շուարո՛ւմ: Անոր մտքէն ջնջուած էր միւս փայլուն հեռանկարը, կրակին ցոլացիկ բե՜մը: Առաւ դանակը ու սրբեց պառաւին ըրածին նման, Սերոբին շապիկին: Յանկարծ զինքը լքեց իր մէկ մասը, երկուքի բաժնուող տունի մը նման: Անոր կեանքին մէկ կարեւոր կտորը կը տանէին իրմէ, լեռնէն ուղղակի գերեզման իջեցուած մեռելներու նման, անարժան ժամուն հանգստեան կարգին, քանի որ անհաղորդ փչած էին իրենց հոգին, թշնամի գնդակի կամ կացինի զոհ ու պատգարակ ելած` փոխանակ դագաղ մտնելու: Ու խելօք էր անիկա, դժբախտութեան, աւելի ճիշդ` անբախտութեան մեծ լախտէն մեր ուղեղին դրոշմուած դառնագին լրջութեամբ մը, որուն փորձը կ՚առնենք ամէնքս, երբ մեր անասնութեան լիալիր հանդիսանքին մէջ յանկարծահաս թաթը կը զգանք ճակատագրին. ա՛ն` որ կը զարնէ ու չ՚ըսեր ինչո՛ւ, ու կը մեռցնէ` անտարբեր մեր ցաւին ու սխրանքին: Այդ պահերուն, երկնային, յաւիտենական, իսկապէս աստուածեան բան մը կը ճարենք մեր անդունդներէն, դիմաւորելու համար մեր կորուստները, դիմակալելու` մեր իսկ խորտակումը ու դառն հեգնութեամբը նոյն այդ ճակատագրին, կ՚ըլլանք գորովոտ, հեզ ու բարի ու ներող աշխարհին մեղքը մարդոց որդիներուն: Սպաննողը, զոհին հետ մինակ, մարդ է ի վերջոյ: Սողոմենց տղան գուցէ չենթարկուէր միւս փորձութեան, եթէ բարութեան այդ ոլորտին իսկ մէջ չհաստատէր վտանգը, կարծես կապուտի ներկուած յատուկ խնամքով, որպէսզի ըլլար տեսանելի խղճմտանքը պարուրող մէգին ընդմէջէն: Այդ վտանգը բանտերու իմաստութեան կնիքը կը կրէր ու պատգամով կը մատուցուէր սպաննողներուն նկատառութեան, անվրէպ ու «կարեւոր» կրկնումով, - ոճիրը նուիրագործող, արդարութեան թաթէն ազատ մնալուն ամէնէն շատ նպաստող միջո՛ցը` կրակը: Գիշեր ատե՛ն: Անիկա ամենազօր սրբագրութիւնն էր: Կ՚այրէր դիակները, կ՚ուտէր հետքերը ու մուխին մէջ կը խեղդէր մարդոց շատ տեսնող աչքերը ու ծուռ ըսող բերանները: Այլապէս իշխանութիւնը ազատ էր դատաւորի, հարցաքննողի, ոստիկանի տարազով ուզածին պէս մեկնել հետքերը` ինչպէս կասկածները: Յետոյ` բանտը կ՚ըսէր տակաւին. «Արիւնը մարդը կ՚ընէ խենթ, կրակը` իմաստուն»: Հաւանական է առածը կ՚ակնարկէր զոհերուն հետ դէմ դէմի դրուելու դժնդակ պատկերին, որ դղրդած է շատ մը կարծր խղճմտանքներ ու ճեղքած անոնց կարծր զրահը, դուրս քաշելու համար խայթին լեզուակը: Հիմա անդրադարձաւ, որ լման օրը, գիշերը, նոյնիսկ Աղուորին ծոցին մէջ դողացած պահուն, որոճացեր էր բանտային այս իմաստասիրութիւնը: Մեր ուսուցումը, անհո՛ւն ձանձրոյթ իր խղճագիտական հրամայականներուն մէջ, ու խոշոր ժամավաճառութիւն, հոգեբանական, տրամախոհական մարզումներով, երբ կը ջանայ ոճիրին սարսափը բեւեռել մատաղ սիրտերու ընդունարանին, մեր ուսուցումը պարտաւոր է հետաքրքրուիլ այս քիչ մը տխուր, սակայն կանգուն փաստերով: Բոլոր քարոզները պիտի չարգիլէին գայլը գառնուկը յօշոտելէ: Բոլոր ճառերը անբաւական են տղու մը հոգուն մէջ ուղղելու դէպի բարին սլաքը, որ չեղած է դէպի վատը: Բայց շաբթուան մը կենակցութիւն, բանտին նկուղին մէջ, մարդերը կը հանէ մասնագէտ, մագիստրոս ու փիլիսոփա: Երբ դուրս ելաւ դիակին քովէն, անիկա մարդասպանը չէր վէպերու մշուշէն, այլ` իմաստուն ու վարդապետ «յարիւն եւ ի հուր» մկրտուած ու օծուած:

Առանձի՛ն, հակառակ իր սպասումին: Չկար բանտի տղան: Բայց կային զոգ դիակները: Բարձերը, ձեռք ինկած լաթի զանազան կտորուանքները թրջեց անիկա սրսկումով ու, մէկիկ-մէկիկ զետեղեց զանոնք անկիւնները բաց սենեակներուն: Իրաւ է, թէ ուժգին հոտը քիչ մը պղտորեց անոր սառնութիւնը: Կը վախնար, թէ կրնար ծաւալիլ տունէն դուրս, հասնելու համար, կրակէն առաջ, դրացիներուն: Խանձին հոտը ինքզինքը կը հարկադրէ եօթը տուն վարէն անգամ ու գիտէր այդ մանրամասնութիւնը դաժան յիշատակներով: Ո՛չ ար կածի արդիւնք հրդեհները, գիշերուան ծոցէն: Այլ` օր-ցերեկով եղերական պատկերնե՜րը, որոնց մէջ օրանի կապէն, պատահմամբ ինկած կրակարանին ու ժամ մը դրած, քար պայթեցնելու ծառայող պատրոյգին նման մինչեւ պզտիկը հասնելու, մահը ժամերով առկախ կը բռնէր խանձին այդ հոտը, լման թաղին վերեւ լաթի ու միսի համախառնուրդ ճենճերում մը մատուցանելով քիթերուն խշխշուքին: Ինչպէ՞ս գտաւ բաժակը սեղանին վրայէն: Անոր միտքը իջաւ ամիս առաջ, ա՛յն գիշերին, երբ ելեր էր նոյն այդ անկողինէն, ուր հիմա կ՚երկննար Սերոբը, գացած առնելու ջուրին գաւաթը ու զովացնելու սրտին կրակը: Ամէն գիշեր կրկնուած էր այս պատկերը: Հիմա՞: Անշո՛ւշտ: Ջուրի տեղ քարիւղ: Ծռեց թիթեղը, որ կը հեծկլտար, կրնար օրերով ալ հեծկլտալ, պարպեց իւղը գաւաթին: Պարզեց ձեռքը քիչ մը աւելի առաջ ու ցրցքնեց հեղուկը առաստաղին, տախտակամածին: Կը պտըտէր սրահը: Կը պտըտէր փակ սենեակներուն ալ առջեւը: Ու այդ յարկին փայտեայ բոլոր մասերը, կրկնուած օծումներով, եղուեցան: Եկաւ պահը - վայրկեան չկար սկսելուն, բայց անիկա ժամերու տենդ ու զգայութիւն կը կարծէր ունենալ -, ուր իր մատները բացուեցան բաժակին բերանին, քիչ մը սեղմ բացուածքով: Բայց ի՞նչ հրաշքով անոր մտքի դաշտին գծագրուեցաւ իր պատանութեան ամէնէն խորունկ մէկ րոպէն, հոծ ու թրթռուն տեսարանի մը կուշտին, երբ արծաթէ սրսկիչ մը ափին, թաղումի թափօրին վրայ անիկա վարդի ջուր կը սրսկէր, ջերմեռանդ ու գինով: Աւագ Ուրբաթի իրիկուան արարողութեան, ժամ մը ժողովուրդ ողողելով հոտով ու բարիքով ու, մա՛նաւանդ` անպարագիծ արբշռանքովը իր ձայնին: Այնքա՛ն յստակ էր տեսիլքը, դագաղին պատրանքը այնքա՛ն հզօր, ու խաչէն նոր վար առնուած, վարշամակուած ու գերեզմաններու պատրաստ Քրիստոսի իւղաներկ նկարը - ոսկեզօծ իր շրջանակը լեցուցած, ոտքերը դուրս երկարելու չափ, բեւեռին վէրքին, վարդի կոկոնիկ մը` թրթռուն ու կայլակի տրամադիր -, այնքա՛ն կենդանի, որ Սողոմին շրթները փաչատուեցան, անդիմադրելի ուժէ մը, մեր եկեղեցիին խորագոյն ու անհասկանալի գրաւչութեամբ մէկ շարականը դուրս տալու.

Պարգեւատուն ամենեցուն

զոր կ՚երգէր անիկա, ամէն Աւագ Ուրբաթի անհուն խռովքով ու անպատում ցաւով, մեռած Աստուծոյ մը առեղծուածէն գրեթէ խենթեցած, ելլելով այսպէս մահուան մունջ պատկերացումէն մեռելներուն իրական թագաւորութեան, ժողովուրդին մտքին մէջ իր տունին նման անջինջ փորագրուած, որուն անճառ գեղեցկութիւնները սիրտերուն մէջ ծաղիկ-ծաղիկ բացուէին պիտի, սիրականներուն ա՛լ անբաժան ողկոյզին մէջ հիւսուած, բոլորը մինակ գլուխ, ինչպէս են նկարներու հրեշտակները, ու անհոգ, ազատ ու զերծ մեր աշխարհին սա կարճ, խեղճ, պղտոր համերէն…: Քալեց, պատկերէն փախչելու խուլ փափաքով: Բայց տեսարանը կը հետեւէր, կ՚ընդարձակուէր ու կ՚ըլլար զեռուն բազմութիւնը արդարին ու մեղաւորին, հայուն ու թուրքին մօտ ու հեռու գեղերէ, դիմած հրաշագործ դագաղին, տակէն անցնելու մոլի պապակով, կաղ մտնելու համար ան որ ներքին, առողջ դուրս գալու համար միւս կողմէն…: Ծունկը դպաւ թիթեղին փորին, որ հետզհետէ կը թեթեւնար: Անկողինները, գորգերը, սեղանները օծուեցան, մղձաւանջային ու բզզագին նոյն արագութեամբ: Աչքին ծայրերէն, լուսաւոր ճանճեր` երա՜մ-երա՜մ: Ականջին` «փողը գաբրիէլեան»: Բայց ձեռքերը կ՚ընէին ամէն ինչ, խղճամիտ ուշադրութեամբ: Ու ահա անոր միտքը ազատ թաղումին ճնշումէն, ինքզինքը կը յարդարէր, ընդունելու համար հսկայ տեսիլքը, որուն յանգելու էր այս ամէնը: Անոր որոշումն էր, կրակէն առաջ, իջնել պարտէզ, խօսիլ Աղուորին: Ու անոր վերադարձաւ պայծառ իր ծրագիրը, կարծես գտած իր լիութիւնը արիւնի սա մկրտութենէն: Այս պատկերը մօտաւոր գալիքին, անոր յուզումներուն խառնուրդին մէջ փսոր-փսոր, մածունէն հարուած սերին նման կը կենար հիմա անոր խղճմտանքի ջուրերուն: Իրեն այպէս կու գար, թէ Աղուորին համամտութիւնը շատոնց ունէր արդէն: Զինքը վար կը կանչէին իմաստութեան ու կարօտի ձայներ, ապագայի հաշիւներ, կրակէն ետքը գործադրուող միջոցներ: Նոյն ատեն անոր աչքերը կը կծուէին բարկ բուրումէն, զոր առատ հեղուկը կ՚արձակէր դէպի անոր քիթն ու բերանը: Ու հոտը կը յորդէր, կը խստանար բանտերուն մէջ չնախատեսուած չափով: Անոնց օրէնսդիրները չէին ճշդած այդ փոքր պատահմունքին արժէքը ու չէին ալ տուած պատգամ, կատարուելիք շարժումներու մասին: Միջամտեց բաւական թանձր վախ մըն ալ, որ կ՚արգիլէր անոր կեդրոնացում ու որոշում: Անոր շունչը սկսաւ նեղուիլ: Նեղուելու էին հարկաւ դրացիներն ալ, հիմա արթնցած արդէն ու պատուհանները ինկած, ձայն ձգելու իրարու: Երբ մեր ջիղերը պրկուած են չափէ դուրս, իրենց վրայ ինկող ամէն տպաւորութիւն, դուրսէն թէ ներսէն, կը կաղապարեն այդ ճնշումով ու կը խանգարեն ուղեղին ուղղիչ պաշտօնը, իրաւ, վերահաս, կատարուած ներկայացնելով բաներ, որոնք մտքին մէջ սովորական փայլակներ են, ցնորքներ` ընթացիկ կենցաղին հունին: Կարծես ուղեղը կը փոխադրուի իր ուրիշ <