Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա

Երեք օր ետքը, փայտուորները, որոնք դէպի լեռ գիշերմիջեան իրենց մեկնումը յետաձգած էին Լուսին-աստղին ծագումին, այսինքն` գրեթէ լուսադէմին (քանի որ կրակ ինկած կը վառէր գեղը), կոչնակէն առաջ դարձուեցան ետ, դէպի իրենց տուները: Ասոնցմէ կը պակսէին կենդանիները, գրաւուած իբր թէ «տարապարհակի», զինուորական հրամանով:

-Գեղը կապ է:

-Ջորի՞ն:

-Առին…

Այսպէս պատասխանեցին ետ դարձուածները, ծերութիւն հայող մարդիկ, իրենց տղոցը տեղը գործի, սա քանի մը օրերը, ու մնացին գամուած իրենց սեմերուն: Անոնք չկամ էին իրենց բառերուն մէջ դէպի իրենց կիները ու շուարած, ա՛յնքան` որ կը մոռնային վար առնել իրենց ուսերէն մազէ տոպրակը, ձիթապտուղ ու հաց պար ունակող: Կենդանիին համետէն իրենց գլխուն բռնի անցուցած այդ տոպրակները անդրանիկ փաստը եղան սկսող բռնութեան: Ոստիկանները ո՛չ միայն ծեծեր էին զոյգ մը բառով ինքզինքը զգալի ընող մարդը, այլեւ գործադրած անագորոյն նախատինքը, կենդանիներու պէս վարուելով անոնց հետ: Խզկած էին գեղացիներուն գլուխները անոնց անասուններուն կերի տոպրակին մէջ ու հեգնած.

-Չիւշ, չիւշ, չիւշ…

Ձայնին ճամբով չէ մենակ, որ թուրքին ահը կը հասնի հոգիներուն:

Կենդանի՞ն: Հարկա՛ւ: Ի՞նչ է գեղացին, երբ լուծքը բաժնես իրմէ: Անիկա մէկ ոտքով պիտի ապրի աւելի դիւր, քան առանց իշու:

«Գեղկապը» Իննսունհինգի սարսափներուն հետ արդիացած բացատրութիւն մըն էր մինչեւ Սահմանադրութիւն: Իրաւ է, թէ կէս դար առաջ անիկա կը պատմէր հին օրերէն, որոնց մէջ լեռները դողացնող ասպատակներ, բոլորն ալ մարդասպանութեամբ մտած ասպարէզին մէջ, օր-ցերեկով կը խուժէին գեղին վրայ, կը բռնէին անոր գլխաւոր անցքերը, կտրելով մարդոց վազքը դէպի դուրս, մինչ ուրիշներ կը թալլէին բոլոր տաւարները դաշտի երեսին: Կռի՞ւ: Անշո՛ւշտ որ կ՚ընդունէր գեղացին: Բայց ասպատակները, հին ենիչէրիներ, գեղին տեղը խոտ կը ցանէին, եթէ ձեռք մը զէնք պարպուէր վրանին կապի շրջանին: Կռիւը կը փոխադրուէր լեռներէն ներս, հատ-հատ մարդերու միջոցով, որոնք ճակատ ճակատի հացի միջուկ ծամելու պէս կը լմէին այդ ապականած ու սպառած հրէշները ու կը թաղէին Աստուծոյ աչքին տակ, խաչակնքելով ու հայհոյելով: Բայց այդ բարքերը ա՛լ ընկղմած էին հին հեքիաթին ծովը ու մոռացկոտ գեղացին հազիւ կը յիշէր Դէպքերէն առաջ, շրջանային յարձակումներ, աս ու ան մեծաւորին տան վրայ, կազմակերպուած հայ ու թուրքի բազուկներով, հայ կամ թուրք գեղերու մէջ: Գեղեցիկ գրոհներ էին անոնք, յաճախ առանց արիւնի, քաջութեան կրկէսէ, ու կ՚երգուէին դիւցազնաշունչ խռովքով, երբ Հայկական Խնդիր մը գոյութիւն չունէր իբր քաղաքական ծամոց թուրքերու կզակին ու անոնք մեզ կը հանդուրժէին մեզ մեր դրացնութեանը, ծառայութեանը մէջ կամ կը հանդուրժէին մեզ մեր զօրութեանը մէջ, միշտ կռուի կրկէսէն, կնիկի, ասպատակի, գօտեմարտութեան հանդիսանքներու ընդմէջէն: Գեղկապը որ տակաւին կը յիշեցնէր մօտիկ բախումներ, բնիկ մաքսանենգներուն ու ծխախոտի ռէժիի դէտերուն միջեւ, - պաշարողական տպաւորիչ ու գեղեցիկ ալ մարզանքներ ասոնք, որոնց մէջ հրացանը, մարդոց կոկորդներուն որոտը ու խուժանին գոռոցը իրարու կ՚աւելնային, զուարթ գնացքով, յաճախ առանց արիւնի:

Հիմա՞:

-Դարը փոխուած էր:

Ու մինակ, քաջարի, այլ ակռան քակուած տէր Օհանը չէր, որ գիտէր խորունկ իմաստը այս փոխաբերութեան: Գիտէին զայն լեռ փայտի գացող խեղճուկ մարդերը:

Պարզ պատմումով: Ետ դարձուածները չէին յօժարեր սա պաշարումը, «կապը» բաղդատել միւս, «հին օրէնքուայ» պատահմունքներուն: Գուցէ երկու օրէ ի վեր հետզհետէ սաստկացող բռնութիւնը, այս անակնկալ, ասպատակային շարժումներու հետ շփոթուող յանգումին մէջ, առաւելազանց ձեւով տպաւորած էր սա ուղեղները, որոնք թուականներ կը կանչէին ժամանակին ծոցէն, մօտիկը բռնելու քիչ անդին, գեղին մուտքերուն գործադրուող խժդժութեան: «Կոտորողնե՞րը»: - Ո՜վ գիտէ: Հազիւ քանի մը տարի կը բաժնէր Ջարդին մղձաւանջը գեղին հոգիէն: Թուրքը այդ տարիներուն դադրած էր իր պատկերէն, չճանչցուելու աստիճան: Մեր գեղերը վկայ եղան այս փոփոխութեան, առանց հասկնալու, թէ այլացումը կատարուած էր իրենց վրայ առաւելապէս ու կը կրէին անդրադարձը իրենց գեղին ճակատագրին, որ անգամ մըն ալ փորձի կ՚ենթարկէր մեր եղբայրները:

Պարզ, խեղճ մարդիկ: Անկարող վախի, վասնզի սոխ չէին կերած: Յետոյ, վասնզի երկու օրուան մէջ անոնց ջիղերը աշխատեր էին արտակարգ հոծութեամբ ու բթացած: Կու գայ պահը, երբ մեր զգայնութիւնը կը հիւծի ու կը լքէ մեր միսերը, մեզ ընելով անհոգի ու անգործ խեցի: Չորցած էին վախին աղբիւրները: Ատ էր պատճառը գուցէ, որպէսզի մնային գամուած իրենց սեմերուն:

Ծուխոտ ճրագներ:

Գեղին բոլոր անցքերէն իրենց դուռները քշուած սա մարդոց մէջ, տարիքի շատ մը աստիճաններէ ամէնէն տարեցներն իսկ չէին յիշեր զինեալ թուրքերու այս առատութիւնը, որ կ՚անդրադառնար գեղին հոգիին, հետզհետէ ստիպելով զայն ընկրկիլ, փոքրանալ: «Եկող-գացող» ժանտարմաներուն լրբութի՜ւնը օր օրի մաքրուած, նկարագիր հագած, յիշեցնելու աստիճան հայաստանցիներէ պատմուած անմոռանալի օրերը, որոնց մէջ ոստիկանները մորթելու գործին նախափորձը կ՚ընեն բռնուած հայ մը ուլի պէս պառկեցնելով ու գլխատելով: Այս դաժանութիւնը կ՚աւելնար ուրիշ բաներու, նոր, անսովոր, որոնք բացատրելի չէին, տեսնուած չըլլալնուն, քանի որ մութը կը գոցէր դիրքերը, բայց գուշակելի էին գեղացիին յորդ երեւակայութիւնը հողմաղացէն:

-Կառք, ջորի, ձի, եզ, գոմէշ, թոփ…

Պատմողն էր հաճի Փեսան, զուարճախօս ու զուարթագործ, որ վերի, հայ գեղէն, մինչեւ վարի համանուն թուրք գեղը, այսինքն` կէս ժամ տեւողութեան մը վրայ, համաչափ ընդհատներով ու գրոց բարբառով «մեծաձայն փուքս արձակէր» տէրտէրին ժառանգելով սուրբի տիտղոս մը, ձրի, նմանելու համար յայսմաւուրքեան ուրիշ յիմարի մը, որ հեթանոս մեհեաններուն մէջ, պաշտամունքի պահուն կուռքերը կը խնկարկէր, Յիսուսը փառաւորելով: Տէրտէրը անոր պիտակին կցած ունէր նաեւ արդիացած ուրիշ պատկեր մը: Զայն կ՚անուանէր երկոտանի թնդանօթ: Կը պատմէր շէն մարդը, ու չէր խնդար, ինչպէս միշտ, երբ սուտը կ՚ածէր, սիրուն, զաղփաղփուն, հաւկիթէն նոր ելած ճուտիկի նման կամ դահացած, կրացած եզին պէս տգեղ, բանալով նեղ սիրտերը «աշխըրքին» աղին, այսինքն` «փարչ» մը ժպիտին: Անիկա գրաւ կրնար մտնել սադայէլն իսկ գործէն ընելու, այսինքն` խնդալ բերելու, է՛ն հզօր մեղաւորին հոգին տիկի մէջ առած դժոխք ուղղուած ատենն անգամ…: Աղ ու արցունք էր մարդը ու կը լուար կնիկը, անոր ծնողքը, աղբրտանքը, շարականի պէս թափելով հայհոյութեանց կատոզը շուարած կնկան, որ ջորին կը հարցնէր ու կը լուար վախկոտութիւնը իր մարդուն: Դէմէ դէմ այս կատակերգական տեսարանը, ուրիշ ատեն կը հասնէր ձրի թատրոնի: Հիմա կը նեղուէին լսողները, բայց անկարող էին ճար հանելու հաճիին ցաւին: Կնկան սաչուն էր ծախեր, ասոր հաւանութեամբը, ու գնած ջորին: Հաստկեկ մարդ, շատ գլուխ չունէր մարմնեղէն վաստակի ու կը հոգար ինքզինքը թեթեւ գործերով: Գրեթէ ծեր, հանուած գեղի պաշտօններէն` անիկա խելք ունէր ջորիով կիսելու տանը ապրուստը: Լիճէն ձուկ բերել ու ծախե՜լ: Գործը համով ալ էր` տեսակ մը հովուերգական երակով: Ձկնորսները յիմարներ են ու հաճի Փեսան վկայեալ քոքուր ալ է: Ինը գտեր էր թիւը զաւակներուն, առջի կէսով բոլորն ալ աղջիկ, այսինքն` ծախքի, տոկոսով մուրհակ: Մանչերէն մենծը տասնէն նոր անցած: …Ու կու լար գրեթէ յիսունին մօտիկ, հացին տախտակին ոչինչ ունեցող սա աշխատողը:

-Թո՞փ, հաճի Փեսայ:

-Աչքիս լուսն ելլայ…

Եթէ կը ստէր: Կը հաւատա՞ր իր երդումին, թէ իր գրգռուած երեւակայութիւնը կը մղէր զինքը այդպէս տեսնելու, տեսած ըլլալու: Մնաց որ, մինակ իր «ածածը» չէր ատ նորութիւնը: Շատե՜ր: Զանազան փողոցներէ, ժամով իսկ հեռու դիրքերէ դարձողներ կը պատմէին այս պատրաստութիւնները իրարու նման:

Նոյն թիւով զինեալներ, նոյն ձեւով կեցած ճամբու անկիւններուն, գեղէն դուրս միացման գիծերուն: Դէզի նման նոյն սեւ զանգուածը, որ կը գոցէր բերանները քովնտի բացուածքներուն, - կածան կամ շեղակի արահետ: Անոնց իմա՞ստը: Մէկ էին ըմբռնելու ու բացատրելու մէջ: Վտա՞նգ: Խաչ վկայ, կար անիկա: Ու կը զգային ատ ալ իրարու նման: Դժբախտութիւնը անտեղի չէ բաղդատել ելեկտրական հեղանուտի: Մեր ժողովուրդը առաջնակարգ հաղորդիչ մըն է անոր: Ու անոր հոսումը, ծաւալումը անշուշտ ունի իր օրէնքները, մեզի դեռ անծանօթ, այսինքն չապացուցուած` պատմութեան Ֆիզիք տարազներով, ա՛յն պատմութեան, որուն կեդրոնը Արեւմուտք է փոխադրուած ու մեզ կուրացուցած: Ունինք, որոշ չափ, մենք, ատոր հասկացողութիւնը, ի հարկէ դարաւոր կանխադրութեամբ մը, բացառիկ ընկալչութեամբ: Կան` որ մարդերը, ինչպէս մէտիում ները, կը զգան գալիքը ու կը դատեն զայն, դեռ խանձարուրքէն չազատագրուած: Ու քիչ կայ ժողովուրդ, մեզի չափ մագիստրոս, այդ գիտութեան մէջ: Ո՞ր տախտակին պատգամները կը հաւաստեն այս օրէնքներուն կշիռը, որպէսզի, հակառակ երկօրեայ ընդարձակ զուլումին, գեղէն դուրս թուրքերու սա դէզին, փայտուորները աննահանջ վստահութիւն մը դնէին իրենց շեշտին, ահաբեկ կիներու խօսելու ատեն:

-Բան չկայ, էռէջ (առաջ) Աստուած:

-Ծերո՜ւկ, ըսէիր…

Հակառակ ըղձականին, բայը կը հաստատէր անփաստելի ապահովութիւնը:

Ջարդերը, հեռուներէն, փախստական հայաստանցիներուն բերնով, իբր դրուագ ու հեղում, կրնային, սկզբնական ոլորտէ մը, մօտիկը դրուիլ սա պայմաններուն: Թուրքերը շատ տեղ, օրերով պտըտեր էին, ջարդի մտնելէ առաջ, չծածկելով իրենց ախորժակները: Ու հիմա կատարուածին նման կապուած` հայերու թաղերը, մինչեւ կրակին նշանը:

Դաւաճան քահանան երկու օրէ ի վեր տիրական դէմքն էր գեղին: Անիկա ամէն թաղ կարդացեր էր ամիս առաջուան կոնդակը, անձնական նամակ, զոր վերածեր էր այդ պատիւին: Այդ թուղթով, պատրիարքարանը, առաջնորդարանը, Պոլսոյ իր բարեկամները հրաւէր կը կարդային իրենց անցնիլ ժողովուրդին գլուխը, յորդորել զայն նուիրուելու իր աշխատանքին, դէմ չերթալ ոչ մէկ գնով տէրութեան ուժերուն: Անիկա շուարած ամբոխին իբր ապացոյց կը փառաբանէր առջի խնդրով (յեղափոխականներու) ձերբակալուածներուն ողջ-առողջ վերադարձը: Աստուած իր անսահման շնորհները անպակաս ընէր Վեհափառ կայսեր գթառատ սիրտին վրայ: «Դարաւոր իր հաւատարմութեամբը» հայ ժողովուրդը կը վայելէր «օսմանեան փառապանծ գահուն» հայրական գուրգուրանքը: Ո՞ր տունին մէջ խռովք գոյութիւն չունէր: Իրենք կը դադրէին իրենց զաւակները սիրելէ, երբ բանէ մը նեղուած կը պատմէին զանոնք…: Հակառակ ահաւոր ատելութեան, որուն մէջ փաթթուած էր անոր կրօնաւորի «կարգն» ու անձը` անիկա ունէր վտանգին ընձեռած հեղինակութիւնը ու կը տպաւորէր:

Չէին գիտեր ինչո՞ւ, բայց կը թուէին հաւատալ: Ու բանաձեւը կը թռէր բերնէ բերան:

-Բան չի կայ, բան չի կայ:

Փողոցները ազատ:

Դեռ, մութ ըլլալուն, չէր արթնցած ոստիկաններուն սոնք ու գրգռիչ արշաւը սալայատակէն, ուր կը գայթին ձիերուն սմբակները ու կայծ կ՚արձակեն: Դուռները բաց, ոմանք լոյսով, շատերը` առանց լոյսի: Շեմերուն` պառաւներ, այրեր, կիներ, դատելու տարուած կատարուող խժդժութիւնները: Կարծի՞ք: Որքա՛ն կ՚ուզէք: Ամէն գլխէ ոչ թէ ձայն, այլ` ճշմարտութի՛ւնը, իմաստութի՛ւնը` ինչպէս Պալլաս Աթենասի ուղեղէն: Եղելութիւնները մեկնելու համար անոնք կը ծանրանային մօտիկ կարելիութեանց: Նոր չէր, որ իր փոխադրումներուն համար պետութիւնը կը գործադրէր կենդանիներու բռնագրաւումը: Ու թուականնե՜ր: Ճիշդ չէ՞ր, որ շաբաթ մը-երկու ետքը ձիերը կը դարձուէին գեղ, թէեւ տարի մը «կախ» քալելու հարկադրուած: Թուրքի՜ն գութը, որ ծանօթ է ամէնուն, անասուններուն վրայ: Մէկը առարկեց էշերուն գրաւումը: Է՜, այդ շատ գիտցողն ալ: Հոգին հոգի է, ու էշը` կենդանի: Ան ալ ընելիք ունէր հարկաւ: Ու կը տրամաբանէին վշտոտ այլուրութեամբ: Վտանգին ճիշդ մէջը նայելէ զգուշանանք պիտի, նմանելու համար հիւանդին, որ քիչ անգամ կը հաւատայ մահուան: Ըստ այս փաստարկութեանց, քահանային գրաբարը կը հակէր ընդունելի ընելու բռնագրաւումը կենդանիներուն, իբր պետական միջոց, «յար ու նման անցելոյն մէջ» պատահածներուն:

Լուսնալու վրայ:

-Ո՞ւր է, ո՞ւր մնաց կոչնակը:

Իբր թէ մետաղեայ գործիքը արդէն վերածուած ըլլար ջերմեռանդ ժամուորի: Հարցումը, թեթեւսիրտ, կարծես «հերքելու» համար մութէն մթերուած անձուկը, որ բիծ էր կապեր անոնց հոգու աչքերին: Երկու ծանր գիշերներ այդ աչքերը նախազգացումն ունէին խուժդուժ բաներու: Առտուան սա կերպ սկի՞զբը: Ո՞ւր` կոչնակը: Ինչո՞ւ կը քնանար:

-Ատեն կայ…

Ո՞ր երանելին էր հեղինակը այս ճշմարտութեան:

Իրաւ ալ, տանիքներու քիւին, գերաններէն վանդակաձեւ կմախքները տեսանելի չէին տակաւին: Կոչնակը գեղին մեծագոյն պատահարն է օրուան: Սպասողները մտովի հեգեցին անսխալութիւնը ժամկոչին ժամացոյցին, խոշո՜ր` ինչպէս պուլամայի միջակ գաւաթ մը, բայց շիտակ, անսխալական: Երեսուն տարի է չէր լսած անոր ետը, առաջը կամ քաղաք, նորոգութեան իջնալը: Կոչնակէն, ժամէն նպաստ մուրալու այս պատրաստակամութիւնը հաւանաբար ունի դարաւոր երկարում մեր պատմութեան դէպի խորերը: Հսկայ աղէտներու նախամուտին, չփաստուող սա վստահութիւնը ցեղային է խորապէս: Ու արեւելեա՛ն: Հեքիաթ չէ պարիսպները լքել ու ժամ ապաստանիլը, միջին ու նոր ժամանակներուն: Արեւե՜լք:

Խուժդուժ` բայց անորոշ բան մը կը ծանրանայ գեղին վրայ:

Իրիկուընէ, գազային «փրփրած» հարիւրապետը նեղն էր դրեր գեղին մէջ-մարդերը, մինչեւ կէս գիշեր գտնել ու յանձնելու Սողոմենց տղան, զոր տեսեր էին Ջուր-ելածի զառիթափէն, Աղուէսներու այգեստանը, Դարբին Կարոյենց ջաղացը: Նեղը դրեր` անոր հետ գտնելու նոյն ատեն այն միւսներ ը, բոլորն ալ հընզըր քոմիթաճիներ, որոնց օգնութեամբը կատարուած է ոճիրը: Նալպանտենց հարսին վկայութենէն զատ ոճիրը կը հաստատուէր խուզարկումի պահուն Սողոմենց տունէն ձեռք ձգուած բացարձակ փաստերով, - անշունչ առարկաներ, ամէնէն անկաշառները բոլոր վկայողներէն: Անոր մայրը խելք չէր ըրած, չկասկածելուն, գուցէ ատեն չունենալուն, անհետացնել կոյաթաթախ անոր զգեստները, ինչպէս քարիւղոտ թաշկինակը, բակին մէջ նետուած: Հապա կոշիկնե՞րը: Ոստիկան մը, թաթարու չտաշուած, զանոնք փոխադրած ատեն սօսեւոր սրճարանը, դէմքին էր տուեր անպատմելի լրջութիւն ու հեղինակութիւն:

Սերոբին ու մօրը սպանութիւնը անհասկնալի, որքան խորհրդաւոր, հարսին խնայուած ըլլալը, մա՛նաւանդ կրակի շրջանէն հեռացնող ոգին մութ փաստեր էին, դուռ բաց ձգող` կարելի բոլոր ենթադրութեանց: Լեռներուն մէջ քոմիթէին հոտը բաւ էր թուրքերը մղելու ծայրայեղ յերիւրումներու: Եկաւ ժամանակ, երբ Հայկական Խնդիրը ամբոխին համար խորհրդանիշը եղաւ կայսրութեան գոյութեան ու մահուան: Թուրքերը, զանգուածը ըսել կ՚ուզեմ, չհասկցած իրենց պարտութիւնները բացատրել կարծեցին մեր քոմիթաներով ու խօսեցան տարիներ անոնց վրայ: Այնպէս որ, նախօրօք ամէն ինչ կը նպաստէր, որպէսզի արգանդի այս հասարակ պատմութիւնը վերանար արագ-արագ դէպի պետական դաւադրութիւն: Անշուշտ, Հայաստանի կողմերը կը տիրէր ուրիշ հոգեբանութիւն: Հոն` մեր ժողովուրդին բնաջնջումը կէտ-նպատակի ունէին թուրքերը ու ատոր համար շրջառիկ գործողութիւններ ծրագրած: Քուրդ, սարսափ, անարդարութիւն, պարբերական ջարդեր, - ասոնք պիտի հնարուին իսկ, եթէ պատրաստ չգտնէին զանոնք ծրագրին հեղինակները: Ասդին, այսինքն` Պոլսոյ մօտերը, քոմիթէն իմաստ ունէր պալատին վրայ յարձակման հեռանկարէն: Բայց սա լեռներու տղա՞քը: Սողոմենց տղա՜ն: Լրբութեամբ կը խաբէին իրենց խղճմտանքը ոճրագործը հետապնդող այս մարդերը, ու կու տային Սողոմենց տղուն բազմաթիւ ընկերներ, բոլորն ալ Հայաստանէն: Շարժառի՞թը ոճիրին: - Որո՛շ: Քոմիթէն կը սպաննէր մատնիչները, ինչպէս սովորութիւն էր ատիկա տասը տարիէ ի վեր:

Ծեծին տակ, գազանի պէս ոռնացած, բայց ոչինչ էր ըսած Սողոմին մայրը, իրենց տունը կատարուած դաւադրական հաւաքոյթի մը մասին, տասը անձերով, - զոր հարիւրապետը կը պարծենար յղացած ըլլալուն, վերջ ի վերջոյ հաստատ իրողութեան մը նման հաւատալով իր յերիւրումին: Անիկա քշուեր էր բանտ, ենթարկուելու ընդարձակ, մանրակրկիտ քննութեան, ամերիկեան ու ֆրանսիական ոստիկանական դպրոցներու ծրագրով: Այդ օրերուն ատիկա սկիզբ մըն էր, զանգուածային արդարութեան եղանակէն, այսինքն` Ջարդերէն յոգնած մարդոց հոգեբանութեամբ մը: Արհեստը ունի իր սնապարծութիւնները: Թուրք ոստիկանութիւնը փառաւոր նմոյշ մըն է մա՛նաւանդ իր մեծերուն գլխովը, այս կարկտան վիճակին, ուր կը մտնեն ցեղին ձայնը - կացինն ու կախաղանը - եւ քանի մը տարի Եւրոպա ըրած իմաստակի մը ծեքծեքումները: Ի՛նչ որ ըրաւ այդ ոգին, աւելի ետքը պատերազմական ատեանի պիտակով, բաւ է` փաստելու այդ մարդոց հոգեկան հէնքը: Այդ օրերուն, այս ձեւ հարցաքննութիւնը ասպարէզ կը ծառայէր դասակարգի մը, որ հայերը կը դատէր, բայց պատմուճանուած: Ամբողջ ու հաճի կազմակերպութիւն, գործադրելով միջնադարեան արդարութիւն, արդիական զրահանքով, տալու համար նոր օրերու սատիք գոհունակութիւն մը - միտքին, որ այդ արարմունքներուն մէջ իմաստութեան շնորհ մը կը հաստատէր, զգայարանքներուն -, որոնք իրենց տուրքը կը գանձէին, բայց թրքութեամբ, այսինքն` յայտնի բարբարոսութեամբ: Զարմանալի չէ, որ անոնք մերժեն այս երկրորդ վերագրումը: Սոփեստութիւնը նոր մեղք մը չէ:

Բանտն էր դարձեալ Նալպանտենց հարսը, որ ժամուն օտան տակաւին, ուր փոխադրուեր էր արթննալէն անմիջապէս ետքը, առանց ուրիշ մարդու հետ հաղորդակցութեան դրուելու, հագած էր ոճիրին քղամիդը: Անիկա վճռական վկայութեամբը հարիւրապետին, որ հայհոյած ալ էր անոր, սպաններ էր իր սիրահարին օգնութեամբը իր ամուսինը, իմաստուն ու օգտակար Սերոբէ էֆէնտին, հանգուցեալը: Սպաններ էր կեսուրը` ջնջելու համար ոճիրին վկայութիւնը: Ինչո՞ւ: Որպէսզի պարպուէր Նալպանտենց գանձը քոմիթային սնտուկները, գնուէին զէնք ու պոմպա: Գիւղաքաղաքի բանտին մէջ, ծեծի ու բռնութեան տակ, որուն մէջ կը պահէին զինքը պեխաւոր կիներ, սեւ գերուհիներ, իր բանտակիցները, անիկա կը մերժէր տալ անունները Սողոմին ընկերներուն: Վախկոտ, միամիտ, մահու չափ դեղնած, օրը երեք անգամ կ՚ելլէր անիկա Պոլսէն նոր հասած քննիչի մը առջեւ, քաղցր, գեղադէմ երիտասարդ, որուն բառերէն մեղր ու շաքար կը հոսէր: Ան կը հրաւիրուէր պատմելու ճշմարտութիւնը, որ կ՚օրօրուէր, կ՚ուշանար, բայց կու գար անպատճառ լոյսին:

Բանտն էր դարձեալ հեց-եփ Մարթան, զոր կը ծեծէին անխնայ, գուցէ նախանձելով անոր փորին, նոյն այդ բանտուհիները, բոլորն ալ մեծ մեղքերու ուխտաւոր, դէպի քաղաք ճամբուելու անձուկի մէջ, կատաղի իրենց տրտմութիւնը մեղմել, լուսաւորել փորձելով: Մեղքը հոգեյատակ երբ կ՚ըլլայ, այլեւս դուրս է մեր հասողութենէն: Անիկա կը վարէ մեքենան, իր շոգիովը: Կը լրբանային, այրերէ չսպասուած սաստկութեամբ ու կը պոռային զարհուրած կնիկին երեսին, - անպատկա՜ռը, պոռնի՜կը: Չէ՜ր նայեր իր փորին, ու կը ստէր պաշտօնապէս, անգամ մը տեսնելէ ետքը Սողոմը, անոր տասներկու ընկերները, վճռական ու խաչանիշ կնքուած ստորագրութեամբը հաստատելով մինչեւ իսկ անոնց զէնքերուն թեքնի՜ք անունները, կերպարանքը, փամփշտակալներուն քանակը ու կռնակնուն կախ մախաղներուն մէջ անմեղ թուրքերու գանկերը, որոնցմով երդում էին ըրած այդ անօրէնները ջուր խմել, մինչեւ որ ազատուէր Հայաստանը: Արգանդէ դուրս ուրիշ քիչ հետաքրքրութեան ընդունակ թուրք կինը, համիտեան բռնապետութեան մէջ, եղաւ նոյն գիծի, այրերուն հետ: Անոնք ատեցին մեր կիները էգ ատելութեամբ մը: Ածականը իմաստ ունի հոս: Ու կ՚երգէին մեգերա այդ կիները այդ օրերու արիւնոտ երգը, զոր աշուղին մէկը, անշուշտ թաթխելէ յետոյ իր սազը տասնհինգամեայ տղու մը արիւնին մէջ, հաներ էր դէպի ցեղային զգայնութիւն իր զգայութիւնը, երբ կը պոռար, Պոլսոյ թաղերուն մէջ, պոռնիկներու բերանով`

Ապրէ փատիշահ, ապրէ՛ դուն հազար,

Հայէն պէյ, փաշա դուն մեզի մի տար…

Ու բանտն էր քշուած կոշիկը հագնող տղան, մէկ ուսը քակուած, անոպայ ժամտարմայի մը ուժգին քաշելէն, միւսը` ծղիէն կոտրած: Ճեղքած ալ էին անոր գլուխը երեք-չորս տեղէ: Աւելի դիակ` քան թէ վիրաւոր: Մե՞ղքը: Բայց պարզ էր ատիկա: Ըստ հարիւրապետի խորաթափանց հանճարին` անիկա ստացած էր կօշիկները իբր նուէր այն ծառայութեան, զոր մատուցեր էր քոմիթային, պարտէզին ճամբան ցոյց տալով Սողոմին ու իր մարդոց, քանի որ, տան ետեւով, դրացի կը սեպուէր Նալպանտենց պարտէզին: Խելացի մէկը անշուշտ կը խոստովանէր իր արարքը ու չէր ստեր յիմար կեավուրին նման, որ գիւտն էր ըրեր Սողոմին ուրիշի պէտք չունենալուն, իբր տան տղայ, բոլոր աղէկ գիտնալով ճամբաները: Հայու գլո՜ւխ: Ու կերած էր խեղճ տղան սպաննող ծեծը, արիւնլուայ ու նուաղ:

Բանտն էին պահակները, որոնք տեսեր էին, անկասկած, զինեալ խումբը, քանի որ անոնց փամփուշտները «փառ-փառ» կը շողային հաց-եփ Մարթային վկայութեամբը ու դաւած իրենց պաշտօնին, առնուազն չտեսնել ձեւանալով: Դեռ քննութիւնները, իրենց սկիզբին մէջ, ունէին հանելիք նոր անակնկալներ: Արդէն ատկէ առաջ անոնք քոմիթային հացը կը կրէին իրենց կռնակի մախաղներով` ինչպէս կը վկայէին թուրք փայտուորներ, սայլորդներ, որոնք տեսած էին զանոնք, երբ կը պարպէին իրենց հացը ճամբու վրայ անծանօթ մարդոց, սովորական գեղացիներ ասոնք, թուրքին դիտակովը վերածուած, մեծ դիւրութեամբ, առասպելեալ կենդանիին, քոմիթաճիին:

Բանտն էին թաղականները կրկին, հոգաբարձու Գրիգոր վարժապետը, որ շաբաթ մը ձայնաւորութեան դաս էր տուած եւ ժառանգած տիտղոսը. հիմա` խանութպան, ու կը ծախէր շատ բան ու կը տարբերէր միւսներէն տոկոս ալ ծախելով` ինչպէս կը գրէր պարտականին մէջը իր տետրակին մէջ, պատճառ ըլլալով զուարթ կռիւի գեղացիին հետ, որ երդում կ՚ընէր տոկոս գնած չըլլալուն: Չախալենց Նազարէթը, դարբին, շերամաբոյծի վկայական մը ծոցին, որ գրաբարի քննութիւններուն սարսափը կը վայելէր, իր հանելուկ հարցումներով տղաքը դնելով ապշութեան մէջ ու ծանօթ էր իր «Հասան Հիւսէյնի աղա» երկսայրաբանութեամբը: Աւագանին` իր չորս-հինգ ներկայացուցչական դէմքերով: Ասոնց տետրակները կնիքի տակ առնուած, տակաւին չքննուած հսկայ բաց ունէին, հազարներով ոսկի, վազած դարձեալ քոմիթային գանձին: Վարժապետները, մեծ մասով, վասնզի ազգային երգեր կը սորվեցնէին դպրոցի տղոց, ամէն օր, ինչպէս կը վկայէին պտուկ ծախող թուրքերը, մեր շարականները երաժիշտ ուսուցչին սքանչելի եղանակէն ու գրաբարէն քակելով, հասկնալով, պտուկ ծախած ատեննին: Դպրոցի տղաքը ունէին երգարաններ, լեցուն` Հայաստանով: Իրողութիւնը, տասը տարի առաջ անգամ մը ստոյգ, պիտի ըլլար դարձեալ ստոյգ, տասը տարի ետքն ալ, քանի որ այս յիմար ազգը փոխուելիք չունէր: Խանութպաններէն աւագները, - Մարտիկ օղլուն, որ առաջնորդարանին տակը կը ծախէր ծծումբ ու մետաղ, այսինքն` չփտող ապրանք ու կը պահէր «ոսկիին ուժովը» հիւծախտաւոր իր կինը ողջ ու ոսկիները մեծկակ տոպրակի մը մէջ վեր-վեր կը թօթուէր: Պոյաճուն Զաքարիան, աղքատիկ տունէ, քիչ մը գիր ճանչցող, բայց աշխարհքը սոթտած, որուն մեծղի կինը իր մշակին հետ կը պառկէր, էրկանը գիտութեամբը, ինչպէս կը հաւաստէին բանգէտ բերանները: Բորոտ Սրապիոնը, որ դէմ էր դրած ոստիկաններուն ու ամերիկեան դեսպանին անունով սպառնացած չաւուշին, ազատելով ինքզինքը ծեծէն: Բոլոր այս մարդիկը յանցաւոր էին, վասնզի իրենց ապառիկի տետրակները կը ծառայեցնէին յեղափոխական անդամավաճարի ու քոմիթէին հաշուոյն կը կատարէին «վերէն» նշանակուած գումարներուն գանձումը:

Բանտն էին քանի մը ոճրագործ, անցեալով հարուստ ու մաքսանենգներէն, որոնք առաջին օրը յիմար չեղան գեղէն իրենց «երեսը շտկելու» - անհետանալու:

Առաջին ընդարձակ զուլումը:

Միակտուր ու փառահեղ այս յօրինումը պատիւ կը բերէր հարիւրապետին երեւակայութեան: Մարդ, թուրքերուն մէջ ապրելով միայն, ընտանութիւն կը ստանայ միջնադարեան այս իմաստութեան: Զարմանալին այս ամէնուն մէջ, հայերուն անխելքութիւնը չէր անշուշտ, որուն վրայ հիմա, յաղթանակէն ետք, թուրքերը ստոր շնականութեամբ վերադարձ մը կ՚ընեն ու մեզ կը հեգնեն: Զարմանալին` նոյնութիւնը, միութիւնն էր մտայնութեան, որով գազային բոլոր պաշտօնակալները, սկսեալ գայմագամէն մինչեւ փողոցի աւելածուները, կը դատէին սպանութեան ու հրձիգութեան այս դէպքը եղջերուաքաղին պարունակէն ու կը նետէին անոր մէջ բոլոր ծաղիկները իրենց յօրինող ոճի՜ն: Պոլի՞սը: Անշո՛ւշտ: Վեհափառը, մեծագոյն ռոմանթիքը օսմանցի սուլթաններուն, ոստիկանական վիպասանի մը վայել թափանցամտութեամբ աչք կը նետէր բոլոր հաղորդագրերուն: Դէպքին օրն իսկ Պոլիսը ճամբայ էր հաներ, Եալովայի վրայով, յատուկ մարմին, ընդարձակ իրաւասութիւններով: Շրջանի հայ գեղերուն շատութիւնը, անոնցմէ ծնած ոճրագործներուն յանդուգն արարքները արձագանգա՞ծ էին մինչեւ պալատ: Գուցէ: Իրողութիւն էր, որ Պոլսոյ մօտութիւնը ու ժուռնալները բան մը կ՚արժէին: Եըլտըզի վրայ յարձակո՞ւմ մը, - ինչո՞ւ չէ: Պոմպայի դէպքը (905) իրաւունք պիտի տար կասկածոտներու, աւելի ետք: Այդ մարմինը իր տրամադրութեան տակ պիտի ունենար կուսակալութեան պահակազօրքը, պահեստիները: Գործը յանձնուած էր զարգացած ու Հայկական Խնդիրներուն մէջ որոշ փորձառութիւն ստացած հազարապետի մը: Սողոմենց տղուն պատահարը կը ստանար խոշոր նշանակութիւն: Դաւաճան քահանա՞ն: - Թուրքերը մատնիչը կ՚անարգեն, բայց վերջաբանին:

Մինչեւ այդ մարմինին ժամանումը, հարիւրապետը սեփական նախաձեռնութեամբ, դէպքին օրն իսկ խուզարկած էր շրջանին կայանները, լեռները, ինչպէս կը զեկուցանէր շատ ընդարձակ տեղեկագրի մը մէջ, մատուցուող` գայմագամին, անկէ` անշուշտ Պոլիս: Կ՚արդարացնէր իր ձերբակալութիւնները: Կատարեալ լրջութեամբ հագցնելով բանտուածներուն իր խելապատակէն հնարուած ամբաստանութիւնները ու կը պատրաստէր միտքերը գործին մէջ ընդունելու ընդարձակ, յեղափոխական կազմակերպուած դաւադրութիւն: Ու կը թուէր իր ձեռք առած միջոցները: Իրականին մէջ, սօսիին շուքէն առանց բաժնուելու` անիկա հրահանգած էր ժանտարմաներուն մխրճուիլ անտառներէն ներս ու խոզ խրտչեցնող մեթոտներով 1 խուզարկել ժայռ ու մացառ: Ոստիկանները կատարած էին պետին հրամանը, ելլելով գեղէն դուրս, հայհոյելով «իգացող» սպային, երկարած` հանդարտ քունի, առաջին բլուրներու ոտքին, ու մութին` դարձած գեղ: Անոնց տասնապետները, ջուրի պէս գոց սորվըւած անուններով - բոլորն ալ դիրքի, անտառէ` աղբիւրէ` - կը փաստէին գործադրուած արշաւները, կոխկռտուած անտառները ու վատնուած «ոտքն ու վաստակը»: Չկար կեավուրը: Չկային միւսներն ալ, պոմպաճի ու վախկոտ հընզըրներ բոլորն ալ, ապահովաբար խլուրդի նման ծուարած հողին տակը, երբ առած էին ոտքի ձայները Օսմանին քաջարի զինուորներուն:

Մեծամիտ ու ինքնաբաւ այս հպարտութիւնը, որ կը ներուի պարզուկ այս գեղացիներուն, մեծ մասը «անգրագէտ», սպաներուն մէջ կը վերածուի խուլ սպառնալիքի: Երկու դարէ ի վեր անընդհատ պարտութիւն միայն արձանագրած թուրքերուն պատմութիւնը գուցէ հեղինակն է այս նանրամտութեան: Զինւորը ամենակալ է գէթ բառերու վրայ: Ու զարգացումէ անցած սպան նրբերանգով միայն կը զատուի կաղապարին կնիքէն: Իրենց անգթութեան, թուլութեան, բնականութեան պահերուն է, որ պիտի զգոն զինուորի հոգիով, այսինքն իրենց ներքին կենցաղին մէկ փոքր մասին վրայ: Ատկէ դուրս անոնց մէջ երեւցողն ու գործողը մեծատարած կայսրութեան մը խորհրդանշանն է. վարչական ոգին, աշխարհներ կառավարող, ժողովուրդներ լուծի տակ պահող ու քաղաքակրթութիւն մը հարկադրող: Այդ ոգին է, որ թուրքը կ՚ընէ աշխարհին ամէնէն տարօրինակ մէկ կենդանին: Չեմ գործածեր դասական վերադիրները: Ուրիշներ «այլազգ» չեղան:

-Քոմիթա՛ն, քոմիթա՛ն, - կը պոռար ջղայնոտ հարիւրապետը, ձայնն առածին չափ, մտրակին կոթը զարնելով սեղանին ու սպառնալով այրել գեղը, տեղը մոխիր ցանել:

-Վալլա՜հ-պիլլա՜հ…

-Վալլա՜հ-պիլլա՜հ կ՚ընէ, -կ՚արձագանգէին տասնապետները ահաբեկ ամբոխին, հրաւիրելով զայն ժամ առաջ յանձնել ատ «գազան»ները:

Ու կը սպառնար այրել անտառները, խխունջի պէս եփելու համար ծակամուտ ստոր փախստականները:

-Ելլեն մէջտե՞ղ, - կը բղաւէր անիկա, զայրագնած, ու փրփրած:

Անոր այս զայրոյթին դէմ ամբոխը լուռ կը նայէր գետին: Առաջին օրն էր դէպքին ու գեղացին շատ էր լսած այս պոռոտ քարոզները նման առիթներու, նման բերաններէ: Բայց դիտելի էր կազմը, սա զանգուածին, ուր քիչ էին այրերը, ուշագրաւ ձեւով մը իրենց տեղը տուած անտիական պատանիներու ու կիներու:

Ատեն-ատեն իր թատերական զայրոյթին մէջ հարիւրապետը կը տաքնար իսկական ներքին հեղումով, երբ կը յանդիմանէր ոստիկանները: Յանցա՞նքը ասոնց: Հարձակի՜լը` ներկայելու իրեն սա ու նա խնդիրներ, բանաձեւուած` կիներու բերնով որոնք կ՚աղաչէին արտօնուիլ գիւղաքաղաք իջնելու, բանտարկեալներուն տանելու համար զգեստ ու վերմակ:

-Թող սատկի՜ն….

Ու այդ բառերը պատկեր էին անոր երեսին, ուր վայրագ, սափրուած խաղաղութիւն մը կը կանչընար:

-Պիտի սատկի՜ն:

Կ՚աւելցնէր անմիջապէս: Ու նոյն այդ երեսին անզգած ցրտութեան վրայ կարծես թրթիռ կ՚ելլէին սպառազէն բաներ, հեռանկար խժդժութեանց շեմաները:

Ո՜վ իշխանութիւնը յաղթականին, պարտուած քաղաքի մը կորանքին առջեւ: Ու իշխանութիւնը թուրքին, երբ անիկա կը վիրաւորուի դարաւոր իր խղճմտանքին մէջ ու անգութ ըլլալ, պէտք եղածէն աւելի ըլլալ չկրնալուն ցաւովը կը վառի:

-Գե՞ղը:

Այս ամէնուն դէմ, փայտուորները անշուշտ կը ցուցադրեն մէկ կտորը անոր հոգիին, լաւատես, անյարիր, անղեկ կրաւորութեանը մէջ: ջարդերէն առաջ աղաները կը խնայուէին: Վերջը` անոնք նկատուեցան պատանդներ: Վարչագիտական նոր այդ հնարքը սարսափը բեղմնաւորելու ազդեցիկ ճամբայ մը եղաւ, գործադրելի մինչեւ Տարագրութիւն: 913ին այդ գեղին աղաները Պոլիս թափուած էին, միշտ ասպատակներու խնդրով: Գ. Զօհրապ անոնց պաշտպանութիւնը ըրաւ գեղեցիկ վերլուծումով մը, չեմ յիշեր որ դատարանին առջեւ: Աղաներուն պակասը, միւս կողմէ` կ՚անդամալուծէր գեղին ընդդիմահար բնազդները: «Իրարու նայելով»ը ձրի բացատրութիւն չէ: Կռիւի տղաքը` իրարու մէջ անմիաբան ու մասով բացակայ գեղէն: Ուրիշներ իբր պահակ` արդէն ձերբակալուած: Կը մնային քահանաները, թիւով չորս-հինգ, որոնցմէ մէկը իր դաւաճանութեամբը, միւսը` իր աւագութեան կնիքովը հրապարակ էին ինկած, կապ պահելով ժողովուրդին ու հարիւրապետին միջեւ:

Աւագերէց Օհանը, կործանած, ցաւագար, իր ու իր ժողովուրդին անկարողութեան խոր գիտակցութեամբը, կը դողար ամօթէն, կ՚անիծէր իր «կարգը» եւ աչքերը կը շեղէր դժբախտ կիներու սա դէզէն, որ կախուած էր անոր աչքերէն` ինչպէս Աստուծմէ: Կը տեսնէի՞ն անոր բան մը ծամելը, քանի որ շարժումի էր մօրուքը, երկկողմանէ, ականջներուն խեփորներէն: Կը ծամէր քահանան իր կատաղութիւնը, գուցէ կատոզը իր յիշոցներուն, ստիպուած ըլլալուն ետեւէն քալելու միւսին, ուրացող ու Վասակ, որ հարիւրապետին հետ կը մնար ժամերով:

Գիտէք անոր դերը: Գեղացին ատկէ զատ կը վախնար իր ժամուն գանձէն: Գիւղապետին հետ անձնական հակառակութիւնը մինչեւ մատնութիւն առաջ տանող եկեղեցականը ի՞նչ բանի ընդունակ չէր անոնց աչքին: Ու երեւցած էր գեղը, իր կիներուն բերնովը ամբարիշտ կրօնաւորին: Անոր դուռին կատարուած էին սպաննող «ելոյթ»ները, բանտուածներուն պարագաներէն, միշտ կիներու ճակատով, որոնք մեր ու անդիի աշխարհին բոլոր պատուհասները պսակ-պսակ, խամբուլ-խամբուլ կը կախէին անոր մօրուքին թելերէն, աղջիկներուն ու տղոցը համար աղերսելով, երկինքին բաց դուռուըներէն փորձանքներուն է՛ն գէրերը, ուժովները:

Մատնութիւնը հոգեկան փոքրութիւն մըն է ու փոքր ժողովուրդի ծաղիկ: Անիկա քիչ անգամ կիրքի կը վերածուի: Իրենց ցեղին դէմ եղած են ըմբոստացողներ, որոնք արիւնի այդ ցայտքով անցած են թշնամիին ճակատին, բայց ուրացումը ընդունած արձակ բազուկով: Նոր օրերուն, մատնութիւնը կը պահէ իր ճռզած հոգեհիւսքը: Բորբոսն է անիկա սմսեղուկ նկարագիրներու, որոնց մենաշնորհը ամչնալու, տաքնալու, ընդվզումի անընդունակ շինուիլն է: Փոքր մարդերու ընդերկրեայ այս ուժն է, որ զզուելի կ՚ընէ այդ արարածները:

Դաւաճան քահանան զզուանքէ վեր զգացում մը կ՚արթնցնէր իր շուրջը, երբ զատուելով ժանտարմաներուն պաշէն, ժամառաջի հրապարակը լեցնող խումբերուն կ՚ուղղէր իր քայլերը, ձեռքին տարածած թուղթեր, բանտի աղաներուն գիրովն ու կնիքովը: Իրեն կ՚ընկերանար թուրքերէնի ուսուցիչը, եղկ ու նանրամիտ արարած, որ կը պաշտէր « Փունջ » պատուական լրագիրը, նահանգին նախորդ առաջնորդ մեծ թրքասէր եկեղեցականը, ու անկարող էր կառավարելու իր կինը, չար բերաններէ հանուած «արծելու»: Երկուքով կը հաստատէին նամակներու վաւերականութիւնը: Այս թուղթերը ուղղուած էին քիչ-շատ լեռնէ հասկցող մարդոց, հովիւներու, մշակներու, որպէսզի «աջակցէին» կառավարութեան, օր առաջ երեւան հանելու համար «շունին լակոտը», Սողոմենց տղան: Անոնք կը պարունակէին նաեւ նոր աղերսանք մը, որով գործի կը հրաւիրուէին բոլոր «ազգն ու թագաւորը» սիրողները: Ձեռք տալու իրարու, բռնել ու կառավարութեան յանձնելու տեղերնին անծանօթ օտարականները, «ոջլոտ ու որդնոտ», ով գիտէ ի՜նչ մեծ ոճիրներով սեւցուցած սիրտերնին, արիւն թափած ու փախած այս կողմերը: Ի՞նչ կապ ունէր տարիներէ ի վեր հանգիստ ապրող, բարգաւաճող գեղը ատ մարդասպաններուն հետ, որոնք իրենց «բնակասնունդ» (տէրտէրը Փարպեցին կը սիրէր) Երկրին մէջ խաղաղութիւնը խանգարելէ, անմեղ արիւն թափելէ ետքը, եկած էին սա կողմերը, «հաւատարիմ հպատակներն ալ զառածելու զգաստութեան փարախէն»: Այս թուղթերէն ամէնէն ընդարձակը խմբագրուած էր Արթին վարժապետէն, պիտակ անունով` Մշոյ, ստորին կզակին շատ ներս հրուած ըլլալուն: Գիրը իրմով կը փոխարինէր ինքնաբերաբար: Երեսուն տարիէ ի վեր տէրն էր անիկա դպրոցին միջնայարկին. Սաղմոս ու Նարեկ կը կարդացնէր ու անսահման վարկ կը վայելէր հրաշքի կարգ անցած իր գիտութեանը, ինչպէս հրաշք նկատուող իր ամուրիութեանը շնորհիւ: Չէր կարգուած` այսօր մոռցուած պատճառով մը, քանի որ ծեր էր ա՛լ: Բայց ամէն տղայ պարծանքով կը պատմէր անոր գրաբարագիտութիւնը: Իբր թէ մատներուն ծայրին պատրաստ սպասէին « Տարերք »ին 2 բոլոր օրէնքները, անիկա երբ բանար բերանը, աղբիւրի պէս կը վազցնէր «զոր օրինակները»: Կը հաւաստէին, թէ հաշուած իսկ էր գիրքին գիրերուն ամբողջ գումարը: Ու կ՚ապրէր ութսունամեայ իր մօրը հետ, մոռցուած սիրոյ մը իբր շարժուն տապանագիր ժուռ ածելով հաստ իր ծերութիւնը տղոցը հեգնութեան ու վախին ընդմէջէն: Կեղծաւո՞ր, այս նամակները գրելու ատեն: Չէր անշուշտ քաջարի վարժապետը: Բայց այդ տարիքին անիկա ուտելով անողորմ ծեծը թուրքին, մղուած էր այդ չարաշուք «ճարտասանութեան», զոր տէրտէր մը կը դասախօսէր գեղի հանած-վարած տղոցը, առանց հասկցած ըլլալու թանկագին տետրակին իմաստը: Արթին վարժապետը ատ դասը առեր էր Արմաշու Չարխափանէն: Մավեան անունով ուսուցիչէ մը, բայց թուղթ միայն առած: Բանտին խորերէն, այդ նամակը, միշտ ճարտասանօրէն, 1870ի լեզուով մը, « Փունջ »եան ջնարակին տակ ամրօրէն պահելով նախդիրաւոր իր զրահանքը, վերաքաղը կ՚ընէր Մշեցի Աւետիսին մօտիկ պատմութեան ու այդ խնդրով ստեղծուած դառնութիւններուն: 95ին, գեղը, քիչ մը իրեն յատուկ յիմարութեամբ, քիչ մըն ալ կարմիր թերթերու փքոցումով, յարձակեր էր, սօսեւոր սրճարանին մէջ բանտուած այդ հայաստանցիին համար` ոստիկաններուն վրայ, առեր անոնց ձեռքէն ու կապէն «քիւրտին» այդ կտորը ու տարեր, փախցուցեր լեռը: Տենդի օրեր էին ու մարդիկ քիչ մը դուրս իրենց հուներէն. Պոլսէն արձակուած հեղեղի մը ուժով: Գումարտակ մը զօրք կը պատժէր գեղը, ձերբակալելով բոլոր մասնակցողները այդ «անխելք» ցոյցին ու բանտին մէջ փտեցնելով զանոնք ամիս ու տարով: Անօգո՞ւտ: Չէր անցած այս տաքգլուխ փորձը: Քանի՜ տղաք մեռեր էին, գեղ դարձին, բանտի ծեծին հետեւանքով: Փճացած քանի՜ տուն, կաշառքի ու թալանի մէջ: Նոր Աւետի՞ս` Սողոմենց տղան: Բանտին իմաստութիւնը այս նամակը թելադրած ատենը չէր անդրադառնար իրականութեան: Գեղացին տեղէն չէր շարժած այս առիթով ու կը հրուէր, բռնի, ըմբոստութեան: Ու նամակագիրը կը շարունակէր ողորմութիւնը խնդրել Աստըծոյ «ի վերայ ազգի մերոյ», «գթառատ ողորմութեամբն իւրով», ու իր անսպառ գանձէն «պարգեւել փառք եւ արեւշատութիւնը Վեհափառ կայսեր, ոյր բարեխնամ հովանւոյն ներքեւ մեր ազգը կ՚աճի, կը բարգաւաճի բազմաթիւ դարերէ հետէ»: Նամակը չէր մոռցած մեծ գիրերով դրոշմել նաեւ նշանաւոր առածը, «ադամանդ» նախադասութիւնը, զոր 96ի ջարդերուն յաջորդ օրը, « Փունջ » պատուական լրագրոյ հանճարեղ խմբագրապետ եւ տնօրէն Համբարձում էֆէնտի Ալաճաճեան, հաւատարմութեամբ եւ երախտագիտութեամբ զեղուն չորս-հինգ սիւնակ խմբագրականէ մը ետք, ցատկելով արեան հեղեղին վրայէն` հոսող օրերով Պոլսոյ մայթերէն, ինչպէս Քեաղըթհանէի զբօսաջուրէն, զետեղեր էր յօդուածի վախճանին - «Չիք փրկութիւն հայոց արտաքոյ Թուրքիոյ»: Իմաստուն վարժապետը խմբագրապետին չափ յիմար ու շողոքորթ չէր, բայց կը մտածէր «յար եւ նման», ու մեծ լրագրողին ոսկի խրատը կը մատուցանէր «յունկն եւ ի վայելումն մերազնէից»: Նախադասութիւնը բախտաւոր էր եղած, ո՛չ միայն իր օրին, այլեւ` աւելի ետքը, տեսակ մը օրակարգ` բոլոր զգօններուն ու խոհեմներուն…: Գեղ ղրկուելէ առաջ այդ նամակը եւ ուրիշներ թարգմանուած ու մատուցուած էին բանտի պահապանին, տասնապետին, ու ղրկուած գայմագամին, կաշառքի խողովակ փաստաբանիկ Մահմուտ ու մեզի ծանօթ Թահսին պաշ էֆէնտիին միջոցով: Գրաւոր այս գործունէութեան զուգընթաց, աղաները բանտէն կը վարէին նաեւ ձերբակալութեանց մէջ գեղէն սպասուած հանդարտութիւնը, յորդորելով բոլորը անխախտ պահել իրենց յոյսը արդարութեան յաղթանակին վրայ: «Սոխ չէին կերած, որպէսզի հոտէր բերաննին»: Անոնք, կարծես խրատուած, համամիտ բառերով, առանց տկարանալու ծեծէն, աքսորին սպառնալիքէն, հերքեր էին, ամէն հարցաքննութեան ալ քոմիթան, ու անոր մարդերը, որոնց մասին իրենց գաղափարը զուրկ էր լրջութենէ: Անոնք ամիս առաջ, այդ անունին տակ բռնուած ու գեղին փողոցներէն շղթայակապ անցուած օտարականի այդ կտորները չէին յօժարեր պատուել այդ տարազով: Մեծ էր անոնց զարմանքը հաց-եփ Մարթային աչքերուն, որոնք այդպէս մանր ու իրական գիծեր տեսեր էին առասպելեալ այդ մարդոցմէն: Գո՞ղ: Ըսէին այդպէս: Կը փոխուէր խնդիրը: Գեղին համար նոր բան չկար այդ վերագրումին մէջ: Թող խառնէին կառավարութեան թուղթերը, գտնելու համար գեղացիներուն աջակցութիւնը պետութեան ուժերուն, երբ պէտք կար սանձելու լեռներու գազանները ո՛չ հայ, ո՛չ թուրք: Ուրի՞շ բան էր քոմիթաճին: Ու բանտին խորերէն մեր խելացի տղաները կը զարմանային թուրք պէյերուն ու մեծիմաստ էֆէնտիներուն սա ակնյայտ անհասկացողութեան: Քոմիթաճի՜ն: Անշո՛ւշտ որ տարբեր արարածներ էին, ըլլալու էին անոնք: Ու իրենց զարմանքը փաստը կու տար իրենց հզօր երազին: Ինչպէս հասկնային անոնք չափը, որով անոնց խղճմտանքը կը կշռէր ադ տարօրինակ մարդերը, լեռներուն մէջ` «առիւծէն աւելի հզօր», ծեծին տակ` «քարէն աւելի հաստատ», չարչարանքին մէջ` «Յիսուսէն աւելի խոնարհ» ու անհասօրէն ժպտուն, մեծ` կախաղանին առջին, ինչպէս պատմեր էր, ականջը ծակ ու խօսիլ գիտցող գեղացի մը, պատահմամբ ներկայ ըլլալով, քաղաքին հրապարակը կախուած Չէլլոյի մասին: Չէլլոն, ասպատակ մըն էր, եօթը ժանտարմա վրայէ վրայ դիզած: Թուրքերը անոր ուժին ու անգթութեան մէջ մատը կը տեսնէին քոմիթէին, անոր ամսականաւոր սպաննիչներէն: Կը մոռնայի՞ն անոր գեղը, ընտանիքը ու պարագաները, որոնք լեռ հանեցին երիտասարդը: Կախած էին զայն բանտին մէջ` սպաննելէ ետքը խեղդամահ: Ականջը ծակ գեղացին անշուշտ ներկայ չէր եղեռնին: Չէր ալ նայած ճօճուող յեղափոխականին, բայց չէր վարանած իր յերիւրանքին հագցնելու տարազը իր զգայնութեան, պատմումին մէջ դնելով անգիտակից խորութիւն ու տալով անոր կախաղանին տակ, այն կերպարանքը, զոր հագնելու էր մահը, երբ կը մօտենայ ազգին համար զոհուողին: Իսկական քոմիթաճի՞, Չէլլոն: Թուրքերը այնքան դիւրաւ լուն կը վերածեն ուղտի, երբ իրենց հաշիւները ուզեն ատիկա: Անոնք հայ ճամբորդը, ղարիպը, ինքզինքը պաշտպանողը քաղցր հաճոյքով մը պիտի տանին յեղափոխական լուսապսակին: Մշեցի Աւետիսը, ցաւագար ու որդնոտ, հովիւ անգամ անկարող էր ըլլալու ուռած իր սրունքներուն ու խոց-խոց բանող գարշապարին պատճառով: Սրճարաններուն մէջ բոհրած սուրճ կ՚աղար կամ սանդ կը ծեծէր` հացը հանելու: 95ին, ոտքին ցաւէն, չէր շարժած տեղէն ոստիկանի մը անցքին ու կերած գլխուն, տուած լեզուին, քիւրտի ՛ հաստութեամբ, նետուած բանտ, մեռնելու աստիճան ծեծուած ու հերոսացա՜ծ, գեղին խղճմտանքը արթնցնելով գործուող անգթութեան դէմ, առանց բառ մը ըսելու` իր արջու պէս հզօր, յամառ լացովը, բանտին պատերը փլցնելու չափ խոշոր ու աննահանջ: Քարը կը ճաթէր ատ ծեծին ներքեւ: Ասիկա սիրական մեթոտն էր թուրքերուն, մեր կողմերուն համար: Ո՜վ էր տեսեր ան միւս մարդերը, որոնց անունը կար, մարմինը` ոչ: Որոնք, հեռու` ամիս առաջ, բռնուած նապաստակի պէս այլայլուն ցաւագարներէն, կրակին վրայ երթալու էին իրենց տղոցը նման, տարտըղնէին կապը, պատժէին անիրաւը, դաւաճան քահանաները, սողացող աղաները, թուրքին դանակը բարտողները:

Ու ծեծին հետ, որ չէր խնայուեր, մեր աղաները պարտաւոր էին ուտելու թուքն ու նախատակոծ, հայհոյալից բերանը զինուորական հարիւրապետի մը, այդ գործին համար յատկապէս վազցըւած Պրուսայէն: Մարդը, բացառիկ ու անհաւատալի, դաժան` ինչպէս մաղձալի, ներկայութեանը կանչած ատեն աղաները սկսեր էր անոնց օրէնքէն ու գիրքէն, կիներէն ու զաւկըներէն, լեզուով մը, որ ետ կը ձգէր ամէնէն աղտոտ, լպիրշ բառերը գեղին ծանօթ «յիշոց»ողներուն: Անիկա երդում էր ըրած իր մօրը արգանդին վրայ երեւան հանել քոմիթաճին: Ու առեր պաշտօն` չեղած պարագային, գեղին արգանդէն, «ծերերուն փորէն ծնցնելու» այդ վայրենիները ու շերտ-շերտ ձողտելու տէրութեան ու ազգին դաւադիր, խռովարար, անաստուած ատ քեաֆիրները, «հնչակ-դաշնակները»: Թերթերուն ժլատ ըլլալուն հակառակ, ներքին պրոպականտ ը կը տարուէր չափազանցումով: Ու դիւանի փոքրագոյն քարտուղարիկն անգամ եպարքոսի մը չափ ընդարձակ տեսութիւններ կը պտըտցնէր գէթ բերնին վրայ, յեղափոխական գործունէութիւնը ռամկացնող, թուրքին հասողութեանը իջեցնող: Հիմա, երբ թուրք իշխանաւորներու յուշերը կը կարդանք, զարմանքով կը հաստատենք ատ օրերու յերիւրումներուն իրական նկարագիրը: Խուժանին համար մեր արիւնը տեսակ մը գինի կը նկատեն այդ մարդերը ու վեհապետը այդ տուրքը կ՚ընէ իր ամբոխին, իր հաշիւներո՜վը…

Օրուան մէջ քանի մը հատ այդ նամակները, կը հասնէին յատուկ ոստիկանով, պատճէննին առնուելէ ու թղթածրարին մէջ թխմուելէ ետքը, ներկայացուելու համար Պոլիս: Քահանան, նամակները կարդալու ատեն, դէպքերուն իմաստութիւնը կը շահագործէր մեծ ճարտարութեամբ: Մարդ խաբելու արհեստը ոչ մէկ տեղ աւելի կատարելագործուած է, քան թուրքին պաշտօնական շրջանակներուն մէջ: Ու զայն ճանչցող մը միայն կը հաւատայ այն անորակելի պարզմտութեան, որով այդ մարդիկը, փաշաներէն մինչեւ աւելածուները, կրօնական խանդավառութեամբ կը ստեն, ազատելու խօսք տուած րոպէին, հինգ վայրկեան յետոյ հարթուած սպանդը մտաբերելով: Անոնց անզգածութիւնը այդ մարզին, իր նմանը չունի Արեւելքի ուրիշ ժողովուրդներու մէջ: Տէրտէրը թուրքի պէս կը մտածէր, երբ գեղացիին մօտ կը հետապնդէր գեղին բարիքը, հարիւրապետին մօտ` իր հաւատարմութիւնը փաստուած ցոյց տալով ու փրկելով կասկածէ, երկրորդ անգամ ըլլալով, հայ եկեղեցականին ուղղամտութիւնը:

-Մի խաբուիք, ժողովուրդ, - կ՚ըսէր անիկա փէշերը բարտելէն ու պապենական, հին օրէնքուայ քիթը ճմռելով:

-Տեսնող կայ:

Մօրուքը ափին, կիսակամար, թաւ յօնքերուն տակ աչքերը մանրելով, գաղտ ըսելու շինծու շարժումով` անիկա կը կրկնէր իր յանկերգը:

Տեսնո՜ղ: Իրա՞ւ, սո՞ւտ: Ատենը չէր քննելու օրհնուած բերանէն այսքան ստորնութեամբ մատուցուող այս զրպարտութիւնը: Քահանան գեղը կը բաժնէր իր վիշտին իսկ մէջը ու կը ստեղծէր, կը ջանար ստեղծել իմաստուն կրաւորութիւնը: Ամէն մարդ` իր սեփական փրկութի՜ւնը: Ու անոր բառերը կրակ կու տային արդէն իսկ շատ ուժով ցեղային մեր բնազդներուն: Մեր պատմիչներէն ողբացուած անմիաբանութիւնը մեզի ռոմանթիզմ կը թուի, երբ գրասենեակի մէջ կը կարդանք զանոնք: Բայց գործողութեան դաշտին վրայ այդ բնազդները դառնօրէն իրաւ են ու գերակշիռ, ազգերու մէջ քիչ տեսնուած կենդանութեամբ մը: Գուցէ մեր գերութեան երկար դարերը կազմեր են ենթահողը մեր որոմին: Ու գիրկ մը մօրուքով, տուն մը զաւակով, Աստըծոյ կարգով ծանրաբեռն տէրտէրը կը հաւատար սա եղերակատակերգութեան, որ միակտուր փրթեր էր խելքին պտուկէն գինով Նորհատին, հիմա բանտ ինկած, հոնկէ ալ շարունակելով հաւատալ, իր մեծահանճար ուղեղին: Փաստաբան ծնած էր մարդուկը: Մե՜ղք, որ հայ էր: Այլապէս մինչեւ եպարքոսութիւն բաց պիտի գտնէր իր առջեւ տէրութեան պաշտօնները: Չէր դժգոհեր ուտելով ծեծը ի փառս իր հանճարին: Աւագանին այսպէս նուաստացնելը նորութիւնն էր, զինուորական հարիւրապետէն կարգադրուած:

Կրակին առաջին օրը, արագ իր առաքումներով դէպի գազա, նոյնքան արագ իր ժամանումներով (չորս անգամ գոլ 3 էր մտած, գեղը, չորս տարբեր դիրքերէ), դրացի թուրք գեղերէն կրակտեսի այցելութիւններով, անցեր էր տեղական, փոքրադիր սարսափէն դէպի լայն խռովքները, որոնք մեր գեղերունը եղան դարերով, երբ մեր ժողովուրդը առտուն արթնցաւ, ձգուած մինակ թշնամիին դէմ: Զինուորական այս շարժումները պատկերը կ՚արթընցնէին 96ի օրերուն: Ոստիկաններուն խստութիւնը, սպաներուն անպատկառ ու հայհոյալից վերաբերմունքը, աւագանիին տունն իսկ չարտօնուած ուղղակի բանտ քշուիլը յաւելումներ էին, քանի որ Ջարդի տարին զօրքը անցեր էր գեղին բացերէն ու դրացի թուրքերը չելած իրենց գեղամասերէն: Յաւելում ու նշանակալից, ատ դրացիները զանազան պատրուակներով, զինուած ու հանդիսաւոր, խումբ-խումբ: Որոնք մտան հայ գեղը, յոխորտ ու խոժոռ, չափելով փողոցները: Հաստ, պարագային յարմար աճումներով կրկնապատկուած անոնց մէջքերէն, զորս կը գեղազարդէին նկարէն շալեր, դուրս կ՚ելլէին գլուխէն ու պոչէն կանգուննոց դանակները, երբեմն զոյգ-զոյգ: Ու անոնց ուսերէն, յունական մարթինները, բոցափայլ կամ գորշ մասերով, նոր ձուլուած: Սեւազգեստ ու կիսավայրենի զինուորներուն քով, հերկուած խուլ ըղձանքներէ բազմապիսակ այս տարազները, հալած կապարի գոյնով, իրենցմէ դուրս կը ծորէին այն վայրագ բանը, որ հրազէնով ու երկաթով ցոյցի ելած, պտըտցուած մահն է պարտուած ժողովուրդներու աչքին: Գետնի քարերն իսկ անհանգիստ էին անով: Կը դողային դուռները, երբ անոնք չորս-հինգով կանգ առնէին ու խորհուրդի մտնող ձեւ մը տային իրենց արիւնակալ աչուըներուն, հարուստկեկ տունի մը առջին կամ ուրկէ ներս աղուոր պատկեր մը հարսի ըլլային օր մը նշմարած: Ասոնք, առանց պաշտօնական միջամտութեան, կը դիւրացնէին ձերբակալութեանց գործը, իրենց ներկայութեան ժահրովը անդամալուծելով ամէն դիմադրումի փորձ:

Ո՞ւր` անոնք, որ նման տագնապի շրջաններուն, գեղկապի կամ կոխի դեռ չմոռցուած դրուագներուն, զրահուած ու ինքնաբեր, կ՚ելլէին կրկէս ու կը վարէին պաշտպանութեան գործը: Ո՞ւր` քաջերը, մաքսանենգները, ըմբիշները, անվրէպ նշանառուները, թնթանօթ պատրաստողները, շէշխանէի ասպետները, - մարդեր ասոնք, անունով ու տուած փորձը իրենց համբաւին: Ո՞ւր` խելացիները, թուրքերուն հետ լաւ լեզու բարտողները, աղաները, ծերերը, որոնք Պրուսայի մէջ, իրենց ոսկիին ուժովը, հալեցուցած էին Ջարդին թաթառը: Ո՞ւր` երիտասարդութիւնը, որ քսանին մէջ նոր կը մտնէ ու կը վազէ կրակին, այդ տարիքին յատուկ եռանդով: Թուրքերը կը ծաղրեն մեզ հիմա, բայց շատ շուտ կը մոռնան, որ նոյն այդ մարդերը, իրենց թուումին կարգովը այս անգամ թուրք, մեզի չափ ալ ցոյց չտուին մարդկային արժանապատուութիւն ու յունական բանակին ընդառաջ իրենց կիները ղրկեցին, սպաները ձեռքէ ձեռք յափշտակելով, դարձեալ այդ գեղերու շրջանակին մէջ:

Սարսափին մէջ անդամալոյծ, զրկուած մեծերէն, ու լքուած քաջերէն, գեղը ձգեր էր դիմադրելու, գոնէ երեւալու դասական իր ախորժակը: Իննսունվեցը պարապ չէր անցեր անոնց գլուխէն: Քիւրտի կտորի մը համար, Աւետիսին պիտակն էր ատիկա, չհերոսացա՜ծ, ստեղծուող տագնապը թարմ էր տակաւին, բոլորին ուղեղին: Պոլսոյ ջարդերը պատմուած էին Ղալաթիա բեռնակիր խենթ Արութէն, որ իր կաշին ազատեր էր ընկերոջը քուրդ գդակին շնորհիւ ու շունչը գեղն էր առեր: Ու, թուրքերուն սպառնագին պատրաստութիւնները, երկօրեայ անձրեւն ու գեղ խուժելէ արգիլուիլը` ամենածանր անդրադարձով դէպքեր էին: Հիմա՞: - Ո՛չ տէր, ո՛չ առաջնորդ: Վարիչները` սեփական կաշիին մտահոգութեամբ մաղաղկուն: Քիչ-շատ ունեւոր, «առաջաւոր» տուները` արդէն իսկ առնուած մրրիկին ճիրաններէն: Կը գործէր գեղը նման մարդու, որ մահուան մէջ կը մտնէ, բայց չի հաւատար: Ո՞վ է ան, որ պիտի հաւատայ գէթ իր վերջին քառորդին հասած ըլլալուն:

Եսասէր, ժխտական այս տրամադրութիւնը կ՚արծարծուէր դաւաճան քահանային անձնական հեղինակութեամբը եւ քաղաքական-պատմական (մէկը կրնայ աւելցնել` փիլիսոփայական) փաստերովը:

Տէր Արսէն քահանան, Ջարդերէն առաջ եւրոպական Թուրքիոյ մէկ կարեւոր նաւահանգիստին մէջ կը գործէր իբրեւ հոգեւոր հովիւ: Զարգացած, թուրքերէնը մայրենի լեզուի չափ կուլ տուած, ձեռներէց, խօսող ու եռանդուն` եղեր էր յեղափոխական կազմակերպութեան մը մէջ, ուր այդ խոշոր բառերուն հետ տարօրէն միամիտ խանդավառութիւն մը դիւր կու գար իր ռոմանթիք խառնուածքին: Փառասէր ու հերարձակ` անիկա կառավարութեան հետ կը վարէր շատ սիրալիր յարաբերութիւն ու մակեդոնական յեղափոխականները կը պաշտպանէր մատուռին մէջ: Աւրուած էր իրեններուն հետ, նանրամիտ հակառակութեան մը պատճառով, ենթարկուած գիշերային ծեծի, բայց զգուշացած մատնելէ: Ջարդերը ըրին զինքը աւելի զգաստ: Յեղափոխութիւնը ա՛լ ելած էր հռետորական իր ջնարակէն ու թեթեւութենէն: Տէր Արսէն քահանան, մատնութեամբ կասկածուած, մակեդոնացիներէն հրահանգ ստացաւ լքելու նաւահանգիստը, եթէ չէր ուզեր մեռնիլ: Կ՚ընէին այս շնորհը իրեն, ապերախտ չըլլալու համար լաւ օրերու յիշատակին: Անիկա դարձաւ գեղը: Կռիւ` քահանաներուն դէմ: Տէր Օհանը քիչ մնաց խեղդէր զինքը, եթէ չառնէին ձեռքէն անոր մօրուքը: Կռիւ` գեղապետին դէմ, որ պաշտպաներ էր աւագերէցը: Կռիւ` իր տունին դէմ, որ քաղաքէն դարձած գեղի իր բոյնին, մոռցեր էր մէկէն փառքի օրերը տէր Արսէնին ու ընկղմեր գեղական իր բարքերուն խորը, նետելով մէկդի քաղքենի հագուստը, տղաքը զգեստաւորելով գեղի տարազով: Անօգուտ էր անոր լեզւագիտութիւնը սա բունին մէջ, ուր ոստիկանը իր կոշտ թուրքերէնովը կը նախատէր անոր փառասէր կերպերը: Անօգուտ էր իր պերճախօսութիւնը, որուն համար «ազգային ժողովի սրահներ քիչ կու գային»` ինչպէս խօսեր էր իննսունհինգէն առաջ, Պոլսոյ կարեւոր մէկ թաղին խորհրդարանին մէջ: Կը ճաթէր նախանձէն, երբ իբր աւագերէց տէր Օհանը «ծանուցում կու տար» ժամուն բեմէն, մատաղ կտրող բարեպաշտները օրհնելով իր իւղագինի համար «քէսէներուն» բերանը լայն բանալ յանձնարարելով, պարզ ու բարի` ինչպէս հոգիները, որոնց կ՚ուղղուէին այս բառերը: Դէպի մատնութի՞ւն: Դժուար է ճամբան, բայց ոչ անկարելի:

Առաւ ատ քայլը, ամիս առաջ, գիւղապետին դէմ լեցուած մահու չափ: Անիկա հաշտուած էր տէր Օհանին հետ, բայց չէր մարսած միսի այդ զանգուածը, որ գիւղապետ կը կոչուէր: Ո՞վ էր ատ հասարակ ծագումով, հասարակէն ալ վար ուղեղով մարդը, որ հինգ տարի առաջ ջորեպան, ծակ վարտիքով բեռ կը կրէր, ջորին ալ ուրիշին ըլլալու պայմանով: Հինգ տարի առաջ կմախք կատարեալ, ընկոյզ թօթուելու ձողին պէս բարակ, այսօր փորէն զոյգ մարդով հազիւ բոլորելի էր: Ու պե՜տն էր գեղին: Այս անակնկալ ամբարձումները թէեւ ցանցառ, բայց երբեմն-երբեմն կը դիտուէին գեղին սա վերջի շրջանին: Քահանան կը պոռար կատղած, գրգռելով հանրային կարծիքը ջօրեպանին դէմ: Ժողովուրդը ինչո՞ւ կը մոռնար աղբիւրը այդ բարձրացումին: Ինչո՞ւ ճիշդ չէր տեսներ, մօտի նաւահանգիստին մէջ անոր ճարած փաշային դերը: Ի՞նչ բանի գնով թուրք փաշան հաներ էր ատ ջորեպանը իր ախոռէն ու տարեր դիրքի, դրամի: «Գի՜նը, գի՜նը», կ՚աղաղակէր անիկա, ամէն տեղ, ու չէր վախնար հոգին սեւելու: Կա՞պը: - Քահանան կ՚երթար առաջ…: Ստոյգը ա՛ն էր, որ փաշան անունով միայն թուրք, պալատէն շնորհազուրկ, ծերացած ու խելօք արարած մըն էր, տեսակ մը աքսորական, քանի մը շատ գաղտնի մոլութիւններով: Անիկա «կոխուած» էր իր կիներէն, որոնք պզտիկ այդ քաղաքին մէջ Պոլսոյ պատրանքը կը ստեղծէին, ոսկեդրուագ նաւակներու մէջ ընկողմանած պտոյտի ելլելով ու ծոցին խորերը արձակելով իրենց հեռալուր ձայնին ոսկի շամանդաղումը…: Արգանդի՞ պատմութիւն: Աստուած ինք էր գիտնալու: Ստոյգ էր նաեւ միւս պարագան: Ջորեպան Թորոսը, առանց հաճի ըլլալու, կը յիշեցնէր հին օրերու հաճի աղաները, իր առատաձեռն նուէրներովը, ճոկանովը, տուներովը, ջաղացքներովը, կալուածներովը: Ու անոր փորը «դագաղն էր» իր գաղտնիքին…: Մատներ էր զայն քահանան Պոլիս, գեղ այցելած յեղափոխականներու իբր պատսպարան ընծայող: Հիմա՞: Ո՞վ էր ի վերջոյ Սողոմենց տղայ ըսուած տիրացուին կտորը, որուն երեսէն գեղին վրայ բացուեր էր սա կրակը:

-Խելքերնիդ ժողվեցէք, - կը պոռար անիկա ու կը ճմռէր միշտ, պապենական քիթը:

Լքումի, վախի ճապաղիք:

Քահանային այս քարոզութիւննե՞րը, ոստիկաններուն նուազութի՞ւնը, թէ իսկապէս աւելի վեր պատճառ մը կը միջամըտէին, որպէսզի տագնապը ստանար գահավէժ գնացք: Մինչ այդ` ոստիկանական միջոցները կը բաւէին կացութեան: Գազաներու մէջ այդ կազմակերպութիւնը, քիչ մը արհամարհուած իր կապկպուած գործունէութեամբը (թուրք ասպատակները, ազդեցիկները զանոնք կ՚ապտակէին մինչեւ իսկ կառավարական պաշտօնատեղիներուն մէջ: Պաշտօնեաները` անոնց գլխուն կը թափէին դիւաններու ձանձրոյթով ստեղծուած սրամիտ հեգնութիւնը ու կը զովանային այդ անատոլցի էշերուն տկարութեանցը ցուցադրումով) նման առիթներու կը սպասէր ինքզինքը քիչիկ մը արժեւորելու համար:

Զօ՞րք:

-Կար ատոր ալ խօսքը:

Ու կը պոռար տէր Արսէն քահանան, զգաստութեան, խելքի կանչելով տաք- գլուխները, սիրտով շատ` ուղեղով քիչ երիտասարդները: Հարկ չկար եղ քսելու թուրքին հացին:

Երկրորդ օրը կրակին, խուզարկուեցան բոլոր այն տուները, որոնք մօտէն-հեռուէն ազգականական կապ ունէին Սողոմենց հետ: Ըսողներ եղան, թէ դրամը մէջ էր մտած: Սողոմենց տղան տեսնողներ դրուեցան հրապարակ, անշուշտ առանց անունի: Փայտուորներ հանդիպեր էին անոր երբ Ջուր-ելածի զառիթափէն կ՚իջնար ցած: Իրա՞ւ: Սո՞ւտ: Անկէ նոյն այդ աղբիւրը կը ղրկէր տղան Մենծ-լեռը, տախտակ հանող գործաւորներուն մօտ, տեսակ մը աքսորական ասոնք, մեծ մասը կնիկնուն երեսէն, քանի մը տարին հեղ մը երեւալով իրենց գեղին մէջ, ճգնաւորի պէս քաղցր, հեռացած ու մաքրահայեաց: Իրա՞ւ: Սո՞ւտ: Ամէն մարդ լուր ունէր ածելիք:

Ուրիշ զրոյց մը, շատ աւելի յամառ, որքան յիմար, տղան կ՚ենթադրէր խառնուած արդէն Կոստանին խումբին, չորս ժամով հեռու հայ գեղէ ասպատակութիւն մը ասիկա, որ կը գործէր երեք տարիէ ի վեր, զուտ աւազակային ծրագրով, կազմուած «ամենատխմար» գեղացիներէ, բայց յուղկահարութիւնը գործադրելով թուրքերէն վեր վայելչութեամբ մը, կողոպտելով հարուստը, տալու համար աւարը աղքատներուն: Խումբը կը զբաղեցնէր երկու գազաները, շնորհալի բախումներով, ոստիկանները խնայելով ու լեռներու թիւրքմէնները պաշտպանելով շրջակայ թուրք սրիկաներու տռիփին դէմ: Բախո՞ւմ: Շա՜տ: Նեղը մտածին պէս կ՚ամրանար անիկա Ողիմպոս, որուն արեւելեան ստորոտը ուրիշ խումբ մը գեղ - հայ ալ, չերքէզ ալ, թուրք ալ - պատսպարան ու պարէն կը հայթայթէր անոնց: Այդ մարզերուն մէջ սիրելի այդ խումբը թանկագին նպաստ կը բերէր մաքսանենգներուն, ստուարացնելով անոնց հրացաններուն թիւը, դէտերու հետ կռուի ընթացքին, կարապետելով բեռնաւոր ձիերը Ողիմպոսին կիրճերէն ու ապահով իջեցնելով դաշտ, դէպի Քէօթահիա ու դէպի Ուշագ:

Ու նման շատ մը պատմութիւն:

Ուշագրաւը այս ամէնուն մէջ զրոյցին մէկ մանրամասնութիւնն էր, որուն համեմատ Կոստանին խումբը երեւցեր էր գեղին պարտէզներուն մէջ: Ինչո՞ւ: Ժողովրդային երեւակայութիւնը կը միջամտէր ու քաջանուն ասպատակը ճակատի կը կանչէր հարիւրապետին հետ: Շատեր` վերահաս կը նկատէին բախումը: Ուրիշներ, թիւով քիչ, բայց աւելի խելահաս, կը ճանչնային թուրքերը, որոնք յիմար չէին` կռիւը ընդունելու համար ձգել գեղին ապահով փողոցները ու անցնիլ անտառ: Մէկէն խուզարկութիւնները սաստկացան: Նոր հրամա՞ն: Կոստանին խումբը կ՚երեւա՞ր: Տանիքին անձրեւանոցէն գլուխներ դիտեցին լերան ճամբան, ուր մարդեր կը տեսնուէին, - իրականին մէջ անվնաս թուփեր, շուտով վերածուած` օգնութեան հասնող հայազգի խումբին:

Այդ խուզարկութիւնը եղաւ բացառաբար լուրջ ու երկար, Սողոմին նշանծուին, Դելոնենց տունին մէջ: Համբաւով ընտանիք: Հայրը` հին ըմբիշ, մաքսանենգ, դանակ բարտող ու առաջին գիծի նշանառու, հիմա ծեր: Որ, հակառակ կարօտ չըլլալուն, չէր կրնար հրաժարիլ իր երիտասարդութեան ամէնէն ջերմ զբաղումէն, արգիլուած ծխախոտի վաճառումէն: Մինչեւ տասը տարի առաջ անիկա լեռը ուրիշին չէր ձգեր` ինչպէս հիմա, իր ապրանքը տանելու դէպի հարաւ: Տարիքին ճնշումովը պարտաւորուած տունը մնալու, կ՚ընէր այդ նստուկ կեանքն ալ վտանգի աղբիւր: Իրն էին գեղին մէջ համբաւով սանդերը, որոնք կը ծառայեն խոտը աղջկայ մազի պէս կակուղ ու բարակ մանրելու: Քանի՜-քանի՜ հեղ այդ տունը տեսեր էր ասանկ «կոխեր» ու ելեր անտոյժ: Անոր չորս տղա՛քը, ամէն մէկը իրենց հօրը մարմինն ու սիրտը կրկնելով ու կրակի պէս ինքնիշխան: Անոնք չէին ներկայացած առաջին օրուան հրաւէրին ու տունն էին, իրենց թաքստոցին մէջ, որ գլուխ-գործոց մըն էր գեղջկական հնարամտութեան: Հոն կ՚իջնէին մսուրքին մէջէն ու կը կորսուէին երկրին փորին մէջ: Խուզարկութիւնը տունը գտած էր կիներ, ծերուկ Դելոնը, զոյգ աղջիկները, որոնցմէ մէկը` Սողոմին նշանածը: Ոստիկանները տունը ըրին տակնուվրայ ու առանց բան մը գտնելու, ելան դուրս գլխիկոր:

Հեզհետէ կացութիւնը կը սկսէր պայծառանալ: - Պարզ էր մէկ պարագայ: Թուրքերը պիտի ձերբակալէին Սողոմենց տղան: Մինչ այդ` անոնք լրացնելու վրայ էին իրենց պատրաստութիւնները: Ատոնցմէ հիմնականը գեղացիին տուներուն մէջ արգելափակումն ու կենդանիներուն բռնագրաւումն էր, - միջոցներ` որոնք գործադրելի չէին ներկայ ուժերով: Ձերբակալութեանց ընդլայնումը մաս կը կազմէր այդ ծրագրին: Կենդանինե՞րը: - Որպէսզի կէս ճամբան մնացած ռազմանիւթը ու թնդանօթները հասնէի՜ն: Կը հաւատայի՞ն թնդանօթի հեքիաթին: Կ՚ըսէին զայն բարձրաձայն: Օրը անցաւ այս ջղայնոտ ու դառն վիճակով: Համախմբումի նման փորձէր: Թուրք գեղացիներ, գրաւած պարապ սրճարանները: Կը սպասուէր վաշտ մը զօրք ու նշանաւոր հարիւրապետը, զինուորական, որուն անունը, իրմէն առաջ, բերանն էր ամէնուն: Ժանտարմաները զայն կը կոչէին Գարագայա Սիւլէյման, ապառաժի պէս սեւ սիրտ մը դնելով անոր կուրծքին տակ:

-Դուք կը տեսնէք…, - կ՚ըսէին հայերուն ու կը խնդային միամիտ կատաղութեան մէջ, գլուխ թօթուելով: Որո՞ւ: Անշուշտ ո՛չ Սողոմին, որ լեռն էր, այլ` անոր ցեղին…

Ոստիկանական հարիւրապետը նոյն օրուան իրիկունը, կատղած Սողոմենց տղան փախցնելուն (անցեր էր տղան գեղին ստորոտի ձորէն ու բարձրացեր լեռ, մարթինը ուսին, կրակելով զինքը հետապնդող ուժերուն վրայ). ճամբու դրաւ զոյգ տէրտէրները, կոպիտ` հաւասար կերպով երկուքին ալ դէմը ու հատիկ-հատիկ, կտրուկ, ըսաւ իր վերջին խօսքը.

-Զղջաք պիտի…

Չկար մէկը, որ պատասխանէր իրեն, ինչպէս անցեալին մէջ.

-Հո՛ն է լեռը:

Ու ցոյց տար Մենծ-լեռը հանող հսկայ ճամբան, ապառաժի ամբողջ երես մը, մաղմաղ կիրէ, որ հովուն տակ ամպ կը դառնար ու գեղին գլխուն կը կախուէր:

Ու մռայլ, աչքերը «կածակ», նետուեցաւ անիկա փառաւոր իր ձին: Իր բարկութիւնը անցա՞ւ կենդանիին, որպէսզի ծառանար ասիկա, ետեւի ոտքերը ծեծէր անխորհուրդ, խորտուբորտ սալերուն, թօթուէր գլուխը, բաշերը, ձգելու աստիճան հեծեալը թամբէն: Ամօթահար` անիկա շոյեց ձին: Վռնտեց քանի մը պառաւ, որոնք կը ջանային մօտենալ, կենդանին հրելով վրանին: Յետոյ` արշա՜ւը, կիսամութին, դղրդող` քարերը: Ի՜նքն էր ստեղծեր սա գեղը ու սա մարդերը, այնքա՜ն հզօր կը ծորէր անկէ անգթութիւնը յաղթողին: Կ՚երթար հոմանիի՞ն, որմէ զիր ունէր ստացած, թէ հազարապետին, որուն ժամանումը ծանուցւած էր իրեն մասնաւոր սուրհանդակով: Մեծերու երեւումը ստորադասները միշտ պիտի նեղէ: Հարիւրապետը կ՚երթար պարտքը կատարած: Կրակին հետ կապ ներկայող կասկածելի տարրերը բանտն էին: Մեծաւորները` պատանդ: Խուզարկութիւնները` ամբողջ: Անշուշտ անկարեւոր էր յանցաւորին փախած ըլլալը: Ու անկարեւոր անոր կրակ բանալը իր ուժերուն վրայ: Թուրքերը մեր ժողովուրդը կը տեսնէին մեր ամէն մէկ անհատին մէջ:

Ժանտարմաներ, ոստիկաններ իջան վարի գիւղը, ուր էր պահականոցը: Գեղը ձգուեցաւ իր վիճակին: Դրացի գեղացիները արեւէն առաջ հատան փողոցներէն: Լոյսերը հազիւ վառեցան քանի մը տուներէ: Ինքն իր մէջ կծկուած` գեղը մտաւ մութին մէջ, աւելի քան խռով, շփոթ, վաղուան անձուկը չկրնալով ծամել, քար տանձի մը պէս:

Երրորդ առտուն:

Ու լուսին հետ, երբ տանիքներուն ծուռումուռ գիծին ընդմէջէն երկինքը հետզհետէ կը պարզէր ինքզինքը, խաղաղ ու կապոյտ, գեղացիք, փայտուոր կամ ոչ, իրենց սեմերուն վերաքաղը կ՚ընէին սա դէպքերուն, կցկտուր, բրդուճ բառերով, հոգեպէս հիւսուած նոյն մղձաւանջին:

Պաշարումի կանոնաւոր ու կատարեալ ձեռնարկ մըն էր, անսովոր` սա մարզերուն, որոնք հինգ դարէ ի վեր դուրս էին ինկած ռազմական շարժումներէ: Իր կազմածներովը, ընդարձակութեամբը, մա՛նաւանդ մաս առնող զինուորներուն թիւովը անիկա բաղդատելի չէր այս գեղերուն մէջ ընթացիկ բախումներուն, բոլորն ալ ասպատակային ու փոքրածիր նկարագրով:

Գեղէն դուրս հանող անցքերու բերնին դիրք էին բռներ սեւազգեստ ջոկատները, յարձակողական պատրաստութեամբ, կէսով ոտքի, մասով` ծունկի: Պառկածներ: Ասոնցմէ վար, ճամբու գիծով, քսան-երսուն քայլ երկայնքի մը վրայ ուրիշներ, որոնք կը պտըտէին, կը ծխէին, կը հայհոյէին ու կը հազային, դաժան հեգնութեամբ, թքնելով` մեծաձայն, լիրբ, նախատալից, դէպի կեավուր գեղը, սանձուած կատաղութիւնը իրենց ախորժակներուն: Այս կարգի ձեռնարկներ հազուադէպ, սրտեռանդ երազուած պահեր կը բերէին իրենց զգայարանքներուն: Արի՞ւն: Ո՜վ գիտէ: Զինուորը բնազդով հաշտ է այդ հեղուկին հոտին: Հովը սկսած էր ու կեավուրի խելքը կամ անխելքութիւնը պիտի արձակէր անոր թեւերը: Մթնոլորտին մէջ քիչ բան, չըսելու համար բնաւ` որ թելադրէր 95-96ի արիւնի մրրիկը: Կի՞ն: Ան ալ գիտնալիք բանն էր Աստուծոյ: Սպաները քիչ անգամ կը յարգէին իրենց խոստումները ու զինուորին թուրովը վաստկուած գերի կիները կ՚անցնէին ձեռքը ուրիշներու: Բայց…: Կրակ էր ասիկա, թուղթ խաղալ չէր: Ինչ որ զինուորը կ՚ընէր խորապէս լիրբ ու անտանելի` վախի զգացումէ այցուած չըլլալն էր: Ամէն վայելք, առանց վտանգի: Այնպէս` ինչպէս ապրեր էին իրենց նախնիքը նոյն այս մարզերուն վրայ, երբ դանակնին բաց կը մտնէին ներս, կը մորթէին ո՛վ իյնար ձեռքերնին, մինչեւ որ յոգնէր իրենց բազուկը, կը լլկէին աղջիկը, եղբայրը շամբրելով նոյն րոպէին:

Մօտի թթաստաններէն վերցուած ցախ ի 4 դէզեր կը գոցէին բերանները ճամբաներուն, մարդահասակ բարձրութեամբ: Ասոնց ետին, երկաթի մասնաւոր կազմածներ թնդանօթի նմանող բան մը կը թելադրէին աչքի: Տեսնողնե՞րը: Ոչ ոք անշուշտ: Աւելի բաց, խրամներու մէջ կապուած կը պառկէին այն տղաքը, որոնք գիշերուան ընթացքին քաղուած էին գեղէն դուրս: Անոնց պատւիրուած էր գլուխ չշարժել, չխօսիլ, չհազալ: Այլապէս մոյկերուն պայտերը ու մաուզէրներուն բուները կը կոտրէին քիթն ու բերանը անսաստողին: Եղան` որ համը առին սպառնալիքին: Թուրք զինուորը բացառիկ վայելչութիւն մը կը դնէ այս մարզանքին մէջ ու կը ծեծէ այլուրութեամբ մը, որ վայրենիին անզգածութիւնը կը դաշնաւորէ կիսակիրթին սոփեստ եռանդին: Հաւատքին ու հայրենիքին կը ծառայէ ա՛ն, որ անհաւատ մը կը պատժէ:

Գեղէն դուրս, բոլոր պարտէզները, ձորերը, բլրատափերը խուզարկուած էին այդ գիշեր, այս անգամ իրապէս, զինուորական հարիւրապետին առաջնորդութեամբ, որուն մասնագիտութիւնը կը նկատուէր այս կարգի պաշարողականներու գործադրումը: Ատկէ զատ` անիկա բացառիկ շահագրգռութեամբ կապուած էր նման ձեռնարկներու ու կը հաւատար, չզգալով իր սխալը քոմիթային, որ ուրիշներու աչքին պատրուակ էր դրամի ու կնոջ: Ան գործ էր ունեցեր կայսրութեան զանազան երկրամասերուն մէջ, յեղափոխականներուն հետ, ճանչնալով յոյնն ու արաբը, պուլկարն ու հայը: Գարագայա Սիւլէյման պէյը գարնան կամ աշնան կու գար Պրուսա, Ջերմուկները, տեղ մը կարդացած ըլլալով գերման բարձրաստիճան զինուորականներուն եղանակային այս բուժը, միտքովը, գերադասելով իր հայրենիքը Գերմանիայէն ու ինքզինքը…: Պատմած էին իրեն, Ջերմուկին մէջ, հայ գեղին պատահարը, քոմիթան, Պոլսոյ շահագրգռումը: Կէս ձգած լուացումը` շունչը առեր էր զինուորական պաշտօնատունը ու «կամաւոր» իր ծառայութիւնը ի սպաս դրած հայրենիքին ու փատիշահին փառքին: Պրուսայէն հայ գեղը, մէջտեղն ըլլալով գազան, գործին խոշորկեկ ծանօթացումը, ձեռք առնուած միջոցներու վրայ անհրաժեշտ լուսաբանութեամբ, անիկա գրեր էր մէկ գիշեր: Ու առանց հանգչելու սկսած գործի:

Առաջին գործը պիտի ըլլար ժանտարմաները հանել քուներնուն ու քշել խոյզի: Սրտմտած էր սա մարդոց անփոյթ մակաղումէն, պահակատան մէջ, լայնօրէն պառկած, մինչ թշնամին - Գարագայա Սիւլէյման պէյը կը հաւատար ֆետայիներուն, անոնց ջոկատներուն, անծակ, անսրբագրելի միամտութեամբ, հակառակ անոր, որ բախումներու ատեն անիկա երկու դիակէ աւելի չէր յիշեր գտած ըլլալ - իր դիրքը կը գրաւէր մութէն օգտուելով:

Մէկիկ-մէկիկ աչքէ անցուց բոլոր այն բուները, որոնք տնակի, ախոռի, ջաղացքի, խրճիթի ձեւով գեղին շրջաստանը կը շինաւորեն, զանազան պէտքերու համար կառուցուած: Պետական ճակատամարտի օրէնքներէն նկատուող այս գրաւումը զինքը կը լուսաւորէր ու կը մեծցնէր իր աչքին: «Կռնակը ապահովել» կ՚որակէր անիկա այս գործողութիւնը ու կը դնէր ինքզինքը տեղը իր պատմութեան մեծ զօրավարներուն, որոնք ագընը (կողոպտող ու թեթեւազէն զօրագունդ, որ կը զարնէ ու կը դառնայ ետ) կը նկատեն կանոնաւոր ճակատամարտին չափ ու երբեմն անկէ աւելի կարեւոր: Բոլոր աղունուորները, ջաղացպանները, հովիւները, ճամբու յապաղորդները ձերբակալուեցան, կապւեցան երկաթ շղթաներով, իրենց վկայութիւնը տալու համար, լոյսին, կազմուելիք ատեանին առջեւ: Այս արարքն ալ կը հաստատուէր պատմական դրուագներէ, որոնք, պատահական ընթերցումներու արդիւնք` կը հաշտեցնէին իր թուրք սպայի մեծամտութիւնը ուրիշ զինուորական ազգերու, մասնաւորաբար գերմանականին գործնական տակտիկայի ն հետ: Հարիւրապետը համոզուած էր բռնուածներուն ստախօսներ, դաւադիրներ ըլլալուն: Թէ` անոնք քոմիթէին կողմէ լրտեսներ էին…: Անիկա այսպէս կը մտածէր Հայաստանի մէջ, երբ դաշտի հովիւները մորթելէ ետքը, անոնց մարմինին վրայ խաչանիշ բիծեր կը հաստատէր, խորհրդանշա՜ն արեան կապի մը: Հայ գեղերը չէի՞ն, որ կը պահպանէին, անդին, Սասունի լեռներուն վրայ, այդ ֆետայիները: Հո՞ս: Բայց չէ՞ որ նոյն արիւնը կը վազէր սա բոլորին ալ երակներէն: Ու իւրաքանչիւր դիրքի ետեւ, իրարու կապուած, այդ տղաքը կը սպասէին կազմուելիք ատեանին:

Նոյն այդ հեռատես ու փորձ տաղանդը կարգադրած էր զինւորական անընդմէջ շղթայ: Դիրքէ դիրք, իրարմէ կէսական քիլոմեթր բացուածքով, զոյգ-զոյգ զինուորներ կապը կը տանէին, գեղին ամբողջ կլորութեամբը: Ու կը դառնային լրիւ անոր շրջանակը, ոչ մէկ դիրքի զանցումով, երկու-երեք ժամ տեւողութեամբ, ելեւէջաւոր գիծի մը վրայ: Այս ամէնը` կատարուած մութին: Խորհրդաւոր ախորժակով ու կրօնական հուրքով մը, որ պետէն կը ճառագայթէր ու կ՚ողողէր զինուորները: Պա՞րզ` ատոնց համար, իմաստը այս կարգադրութեանց: Անոնք կը ջանային գուշակել: Ուրախ էին պետին կորովէն, խստութենէն, ու կը թրթռային իրենց ողնուղեղն ի վար սողոսկուն բաներէն, շինելով իրենց ջիղերը:

Լոյսին պարզուելուն հետ, տասնեակ մը, կարապետուած երկու ձիաւորներէ, որոնք սուրերը բաց էին ըրած, յառաջացաւ դէպի ներս, փողոցները, նոյն ատեն, չորս գլխաւոր ուղղութիւններէ իրար գտնելու համար կեդրոնը գեղին: Պատերազմով գրաւուած քաղաքի մը մէջ գործադրելի այս ցոյցը տպաւորիչ էր, կորսնցուցած ըլլալով իր ծիծաղելին ` խուժողներուն լուրջ ու վայրագ վճռականութեամբը: Կարծր, մռայլ, լիրբ այդ արշաւը բաւ եղաւ սրբելու մարդերը սեմերէն: «Զօրասիւները» (ինչպէս կը սիրէին որակուիլ ատոնց տասնապետները) չհանդուրժեցին ոչ ոք, նոյնիսկ երկամեայ մանուկ, իրենց գնացքին առջեւ: Ո՛չ իսկ ընտանի անասուն: Շուները` սուինահա՛ր: Ու արիւնը, նոյնիսկ կենդանիէ, իր հոտովը զկծեցուց մեր հերոսները, որոնք տուներուն լռութենէն կերպով մը լայնցած, թօթուեցին իրենց անդամներէն շուարումի, տարտամ վախի յետին հետքերը: Ո՛չ մէկ դէմքի ստուեր, պատուհաններուն ետեւէն: Կախ` բոլոր վարագոյրները, գիշերական անշարժութեամբ մը: Ո՜ւր` գեղի առտուներուն անսահման եռանդն ու թրվռումը, համանուագ խառնակութիւնը անասուններուն եւ ճիժերուն, անուշիկ օրհնէնքը ու աղօթքի փշրանքները, որոնք դռնառաջները կ՚ընեն ձայնի, յուզումի, տեսիլքի գեղեցիկ ծով մը: Մինչեւ գեղին կեդրոնը անոնք սատկեցուցին բոլոր շուները, աքաղաղները, որքան կրցան:

Նոյն ատեն մասնաւոր մունետիկ մը հրդեհով, մահով, կախաղանով կը սպառնար ամէն դուռի` որ պիտի բացուէր. ամէն մարդու` որ բռնուէր մեծ փողոցին վրայ. ամէն երիտասարդի` որ ընդդիմանար զինուորներուն ու չներկայանար կանչուած պարագային: Ամէն շարժող պատուհան պիտի բռնուէր գնդակի: Կառավարութիւնը խուզարկութիւն ունէր ընելիք: Բոլոր տուները բացուելու էին զօրքին ու քննիչ մարմինին առջեւ առանց ամենադոյզն վարանումի:

Մեռած փողոցներուն մէջ չարագուշակ բան էր ձայնը երկաթի պէս պաղ ու կտրուկ, սա մունետիկին, գեղի մը ճամբէն աղօթասաց մոլլա, որ ձգած իր տրտում ծառը (գաղթական գեղերը մինարէի փոխան ծառեր ունին իրենց ամպիոն), նետուեր էր, կամաւոր, սա զսպումի գործին ու ոսկրացած կզակը, ուրկէ մօրուքն իսկ վախով կը բուսնէր, ինչպէս քարի վրայ խոտը, երկու բթամատերէն նեցուկած, կը ցցէր երկինք, անլուր հեշտութեամբ ոլորելով «կրակ ու կախաղան» բառերը, ամէն հրահանգի հաղորդումէն ետք: Ու կ՚ոռնար, կը գալարուէր, կը թնդար անոր աղաղակը.

«Չլսեցինք չըսէք հա՜ ա՜ աաա»:

Հայ գեղերուն մէջ թուրքին դարաւոր արհամարհանքը ա՛լ կանչըցած էր պետական ժահրով: Մոլլաներու սերունդ, յատուկ կրթութեամբ, կը փոխէր կրօնական հին ատելութիւնը ուրիշ, այլամերժ մախանքի: Հին մոլլաները կը յարգէին իրենց գիրքին ոգին ու «ամանի» ինկած մարդոց դէմ արհամարհանք ունէին: Բնաջնջումը արգիլուեցաւ, օգտապաշտ նպատակներով, իսլամին տիրապետած տեղերուն մէջ: Նորը, կանանչ ատելութիւնը, ցեղային խորք ունի: Անիկա պիտի հանգչի Ասիային նուաճումովը:

Անզգոյշ, անգիտակ - որովհետեւ քիչ տուներ կը հասկնային մունետիկին բարբառը - եղան դուռներ, որ բացուեցան: Բայց բռնուեցան անմիջապէս կրակի: Հինգ-տասը զինուոր խուժեցին ներս, դուռները կոտրելէ ետքը: Հրացանները կեցան, համատարած լացի մը մէջ: Ինկո՞ղ: Վիրաւո՞ր: Ատիկա չէին հարցներ: Կիներուն մարմիններուն վրայէն, որոնք վախէն բռնուած, ինկեր էին գետին, զինուորները բռնեցին այրերը, մինչեւ տասնամեայ տղան, կապեցին բռնապինդ ու հանեցին դուրս: Ո՞ւր. խենթեցած, բայց անկարող իրենց պոռչտուքին մէջ` կիները փորձեցին հետեւիլ կապուածներուն ու փռուեցան փողոցին երեսին, ուտելով հրացանին բուները իրենց ստինքներուն վրայ: Նոյն ատեն հեծեալները իրենց երիվարին սմբակներովը լեղապատառ փախցուցին զանոնք ներս իրենց տուներէն:

Այս վայրագութիւնը, առաջին իսկ հերթին, դեռ կռիւէն առաջ, ամլացուց կիներու աւանդական խանդավառութիւնը, որ այնքան օգտակար կ՚ըլլար այրերուն եռանդը հրահրելու, ասպատակային յարձակման ատեն: Տուներէն ներս արգիլուեցաւ պոռչըտուքը, քանի որ մաուզէրներու գնդանկները վար տուին անսաստող ապակիները: Նոյն ատեն գեղին շատ մը կողմերէն հրացաններու սուլումը տեսարանին կը բերէր անըմբռնելի շփոթութիւն:

Կապուածները քշուեցան գեղին կեդրոնը:

-Պոմպա նետեցի՜ն, պոմպա՜…

Զինուորներուն վրայ ռումբ արձակելու այս հեքիաթը այդ շրջանին ամէնէն անցուկ բանաձեւերէն էր: Այդպէս կը բղաւէր քշող տասնապետը, հրելով զանոնք կռնակներէն, զարնելով անխընայ` ուսերու, կողերու, ոտքերու, հասած կէտին, բուներովը իր մարդոց մաուզէրներուն: Եղան` որ ինկան, վախէ ու հարուածէ, բայց իրենց կռնակին կամ կողին վրայ մոյկերուն ու հրացանի բուներուն ճնշումէն ահաբեկ, ճաթելէ ազատելու համար, հոգինին խածած նետուեցան ոտքի ու վազել առին: Անոնք բոլորն ալ արիւնաթաթախ, լեզունին դուրս` ինկան սօսիին ներքեւ: Այս անգթութիւնը նորութիւնն էր: Ու կու տար գոյն` սա առտըւան ու գալիքին: Զինուորը կը մտնէր իր վայրագութեանը մէջ, թարմ ու անդիմամարտ: Մարդկային արիւնը, սկզբնական հեղումին մէջ խորապէս գրգռիչ, շարունակութեան ատեն կը յոգնեցնէ: Բացառիկ արարածներ կը հանդուրժեն այդ սպառող լարումին: Արհեստով մորթողները ջարդերու ատեն փնտռուած տեսակներ են: Այս յոգնութիւնն է, որ կը բացատրէ ջարդըւածներուն մէջէն ազատածներուն համեմատութիւնը գեղէ գեղ:

Ո՞վ էր ըսաւ, բան չի կայ:

Կիներն էին, ճմռելով իրենց արցունքները, պատուհանին ետեւէն ծկլելով 5 ու կը փսփսային.

-Յիսուս Քրիստոս, Յիսուս Քրիստոս:

Ու չէին գիտեր, թէ խաչակնքել ուզելով հանդերձ, իրենց ձեռքերը կը մնային կէս ճամբան, չկրնալով ամբողջացնել խաչանիշ շարժումը:

-Դո՛ւն հասիր, Տիրո՜ւկ…

Եղերական տուներու դիտումովը գեղը իմացաւ դուրսէն հասնող նոր բազմութիւններ: Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն, մեծ ճամբաներու վրայ մրջիւնի նման մարդե՜ր, պառկած դարերուն:

Դրացի թուրք գեղե՞րը: Ո՜վ գիտէ:

-Կտրտողնե՜րը…

Աղէտաւոր բա՜ռը, զոր հեգեց մեր մանկութիւնը, զգաց մեր պատանութիւնը ու ապրեցաւ, ամբողջ քառորդ մը դար: Զոր չեն հասկնար ուրիշ ժողովուրդներ: Այս անհասկացողութիւնն է, որ կործանեց մեր Դատը:

Ամէն թաղի մուտքին չորս-հինգ զինուոր: Համազգեստը չէր յաջողած մեղմել անոնց արտայայտութեան, անձնական բխումին ընթացիկ գազանութիւնը: Իրենց ֆէսերուն խուլ կրակը կ՚ընէր անոնց երեսամասը տեսակ մը վառարան, աչքերուն փոսիկներէն ծխարձակ ու դիւային: Առա՞նց հրահանգելու, թէ դասովի ելած էին անոնք կատաղութեան բարձրագոյն թափին: Խիստ, լիրբ, վտանգէ ու վախէ հիմնովին հեռու` անոնք նեղուեցան սա ամայութենէն: Ուզածնի՞ն: Անշու՛շտ: Սա զգայութեանց նախավայելքէն, անոնք անդադար կը հրուէին դէպի մօտիկ անցեալը իրենց, երբ դեռ դպրոցական, պատանի, նորագիր զինուորցու, բանակ մտնելէ առաջ, ըրեր էին արիւնին մկրտութիւնը, ջարդելով մեծերու շուքին: Եղան ատ պահերը կրկին, գոց սա տուներէն` բանագիտութեամբ կրկնուած, որոնց մէջ անոնք քալեր էին դէպի փողոտում, գլխատում, բռնաբարում` առաջնորդուած իրենց հօրմէն, իրենց եղբօրմէն կամ առնուազն մոլլայի մը երախաբաց դանակէն: Կը նեղուէի՞ն հիմա, պարապ վատնուած ժամանակէն, թէ կու գար իրենց մտքին այդ օրերու լայն, ազատ արձակութիւնը, երբ ըրեր էին իրենց այցելող մտապատկերներուն իրականութիւնը առանց հաշիւի, հրամանի սպասելու: Լրբութի՜ւնը այդ մարդակերպ անասուններուն, որոնք միզելու պատրուակին տակ իրենց առնանդամները ցոյցի կը հանէին փակ պատուհաններուն ու կը կենային վայրկեանով, համակարգ ու անհամբեր: Այս անհամբերութիւնը զանոնք կը փոխէր, կը հանէր իրենց մարդկեղէն կաղապարէն ու կը վերածէր էակներու սանդուխին մէջ դժուարագիւտ կենդանիի մը: Այն եւրոպացիները, որոնք թուրքերը ներկայացուցին դիտումով ներկուած հոգեմոյնքի մը տակ, պէտք չէ մոռնան անլուր անարգանքը, որով վարձատրուեցան: Լոթիի հայրենակից տղաքը, Կիլիկիոյ մէջ, աւելի ետքը, տեսան ու ապրեցան այս պատկերները: Պատերազմին սանձազերծումը չէր, որ ըրաւ թուրքերը այդքան թուրք: Առաջ կամ վերջը, անորակելի ժպիտով մը որուն մէջ ցեղը կը դնէր ինքզինքը ամբողջ, զինուոր կամ կամաւոր, տան տղայ, թէ կրօնաւոր, անոնք գլուխ պիտի ճօճէին, ճօճեցին իրենց առջեւ գերեվար ու կիսամեռ մարդոց, կեցուցին զանոնք ծոծրակնուն բռնած, դարձուցին գլուխները ետ ու հարցուցին կապարի պէս ձայնով մը, լուրջ, սեւ, կպչուն ու ահաւոր.

-Աղուո՞ր է կնիկդ…

Կը կրկնեմ. այս լրբութիւնը արդիւնքը չէ պատերազմեան հոգեբանութեան մը: Թուրքերը, խաղաղութեան, նոյնիսկ նամազի ուղղուած ատեն չանցուցին իրենց առջեւէն կնոջ մը ստուերը, առանց անոր «խօսք նետելու», իրենց բառովը` հարֆ նետելու.

-Աղուո՞ր է կնիկդ…

Ու կ՚ապրէին, ու կը խենթենային ապրիլ օրը, երբ կապուած անոնց էրիկներուն աչքին առջեւ, անոնք բռնաբարեցին մանկամարդ հարսները ու ստիպեցին զանոնք աչքերնին բաց դիմանալու տեսարանին ալ, երբ երկուքով կը փռէին գետին, կապուածը, միւս չորսով կը սրէին դանակները, առանց աճապարանքի ու կը սկսէին քսքսել անոնց բերանները վիզին երկու քովերէն, դանդաղ, հանդարտ, դէպի իրար առաջացող շարժումներով, մինչ երրորդ մը դաշոյնին սայրը քիչ-քիչ կը մխէր, զսպանակաւոր պտուտակի մը նման, ոլորո՛ւն, դէպի խռչակը, մորթէն ետքը, կրճիկները փարատելով ու ոսկորասիւնին առջեւ երկար կանգ առնելով…: Խոր, անհո՛ւն տգեղութիւնը ամէնուն: Կը դառնամ ասոնց վրայ, վասնզի արար աշխարհ ջարդը կը շփոթէ վայրենութեան մոլուցքի մը հետ ու ոճրագործի անպատասխանատու հոգեբանութիւն մը կը մտաբերէ, երբ թուրքերը երեւակայէ ջարդի մտած…

Անոնք արգիլեցին տունէ տուն խօսքը, ինչպէս արգիլած էին կոչնակին զարկը, առտուան ժամերգութիւնը:

-Ախո՛ռ, ախո՛ռ շինենք պիտի…

Պոռացողն էր մունետիկը. կարճահասակ ու տափաքիթ, երբ կ՚անցնէր ժամուն առջեւէն, անոր թաղային խորհրդարանին տակը կենալով: Վերն էին քահանաները, մօտ դրացիները: Ու կը խորհէր տարիին, երբ թաղին ողոցը գլուխն անցած` քշեր էին էշերը դէպի ժամը հայ գեղի մը, Սվազի խորերը, ու կապած ալ:

Արիւնի, բռնաբարումի, անասնացումի սա բուռն մղումներուն ներքեւ, ահեղօրէն անցեալով յաճախուած այդ մարդիկը ո՞ր հրաշքով կը դիմանային իրենց զգայութեանց բռնութեան, չխուժելու համար անպաշտպան կիներուն վրայ, երբ կը կապէին անոնց այրերը:

-Համբերութի՜ւնը, - կը մռլտային սակայն իրարու: Նորագիր զինուոր, անոնք սաստին տակն էին զինուորական օրէնքներուն: Մարզանքներէն յետոյ, անոնք իրարու երբ կը պատմէին իրենց պատմութեան յաղթանակները, ի՜նչ հեշտանքով կ՚երազէին պարտուած քաղաքներուն, որոնց բնակչութիւնը կը լքուէր զօրականին վայելքին: Պոլի՞սը, զայն գրաւող մեծ թագաւորը ամէնէն զօրաւոր, իրաւ թո՞ւրքն էր այդ պատմութեան:

-Մերն են կիները:

Առանց արտասանելու, այս բառերը կ՚անցնէին աչքէ աչք:

Ուրի՞շ կերպ էր եղած չորս-հինգ տարի առաջուան նախճիրը:

-…

Արեւին աղէկ մը բարձրանալէն ետքն էր, որ յիսուն ձիաւորներու խումբէ մը շրջապատուած, ոսկեզօծ համազգեստով, հազարապետը, նուրբ ու երիտասարդ, անցաւ գեղին մայր փողոցէն դէպի սօսեւոր սրճարանը:

Անոր անմիջապէս շրջապատը կը կազմէին քաղաքային տարազով մարդեր, քիչ մը մաշած դէմքերնին ընել ուզելով խիստ, լուրջ, բայց մնալով սովորական, Պրուսայի խանութներէն նոր զատուած վաճառականի արտայայտութեամբ, ա՛յնքան` որ գեղը խաբուած, շունչ առաւ:

-Առաջնորդը ղրկեր է…

Ինչպէս կը պատահէր հին գուպարներու ատեն, գեղը խաղաղեցնելու համար Պրուսայի Քաղաքական ժողովէն ղրկուած յանձնախումբին ժամանած պահուն:

Կանոնաւոր, անթերի կաղապարուած ֆէսերուն տակ այդ մարդերը անկարող իրենց ձիերը ղեկավարելու, կը թուէին քիչ մը տրտում, իրենց սովորութիւններուն մէջ խանգարուած պաշտօնեաներու սրտնեղութեամբը: Հակառակ անոր, որ անոնց ձիերը կը քալէին մանր, դաշնաւոր` յայտնի վախ մը բռնուած կը պահէր անոնց ճակտի գիծերը, գրեթէ աղարտելով օղիի, հաճոյքի դիւանի աշխատաւորի ա՛լ կազմուած դիմախաղը, ասոր պարզ ու բարի բխումը:

Մանր ու դեղին պեխով, գեղեցկայարդար, բայց վայելչօրէն տիրապետող իր երիվարը, սպան, հազարապե՜տը, կը թուէր ըլլալ տրտում, մեծ ու պայծառ իր ճակատը չյաջողելով կնճռոտել: Աչք ու բխում, ամէ՛ն բան անոր վրայ անսովոր կու գար պատուհաններէն դիտող ողորմելիներուն, որոնք այդ այդ պատկերին տակ տեսեր էին գազանադէմ, հաստ, ճոկանաւոր արարածը, որ մտրակով կը հրահանգէր իր զինուորները:

Երիտասարդ սպան կարծես բռնի կ՚ուզէր մտել թրքութեանը մէջ իր զինուորներուն, որոնք փողոցներու մուտքին կը քարանային, պաշտօնական բարեւին համար: Անիկա հեռու էր այդ մարդոցմէն, նոյնիսկ բարեւին շարժումովը:

Իջաւ ձիէն, սօսեւոր սրճարանին առջեւ:

Զինքը ընդունեցին, խոր ու երկիւղած յարգանքով, յիսնապետները, Գարագայա Սիւլէյման պէյը, չորս քահանան, ութ-տասը ծերունիները, մեռելի պէս դեղնած, որոնք բռնի հանուած էին իրենց օճախին անկիւնէն ու բերուած, տալու համար սա րոպէին պարտուած քաղաքի հեռաւոր երանգ, ինչպէս կ՚ընէին քաղաքացիները, դարեր առաջ, ափսէի մէջ աղ ու հաց ու բանալի մատուցանելով յաղթական զօրավարին:

Անոր առաջին հրամանը եղաւ, մտիկ ընելէ յետոյ քարտուղարին զեկոյցը, վերցնել արգելքը դուռ, պատուհան բանալու: Անտեսեց անիկա տհաճ զգացումը, որ ծաւալեցաւ հարիւրապետին ու շրջապատ շքախումբի երեսին: Դժգոհանքի այս արտայայտութիւնը անցաւ աչքէ աչք, գլուխները կախելու հարկադրելով եռանդուններուն: Հարիւրապետը վարժութիւնն ունէր այս թուլացումներուն: Զսպումի գործին մէջ այս միջամտութիւնը հոս կը կանխըւէր: Օգտուեցաւ պզտիկ ձայնական դադարէ մը ու բանաձեւեց իր առարկութիւնը:

-Ասոնք ապստամբ չեն, - պատասխանեց հազարապետը ու շարունակեց իր կարգադրութիւնները:

-Սողոմին բացած կրա՞կը:

-Ձերն է յանցանքը:

-Ես նոր եկած եմ:

-Ձեր նախորդինը, այն ատեն:

Կարճ այս փոխադարձումը բաւ եղաւ հարիւրապետը զետեղելու համար իր «պնակին» մէջ: Բան մը ստոյգ էր անոր համար, - ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ դէպի վայելք ու յագեցում փաշաները կը դաւէին ցեղին պահանջներուն: Չէր կրնար նրբանալ ու դատել սա մշակի կտորի սխրագործութիւնը իրական գոյնին տակ: Ինչպէս չէին մտածեր զինուորները տարբեր: Տհաճութեան այս վիճակը հասաւ իր լրումին, երբ հազարապետը, ձգելով հաւաքոյթը, քաշուեցաւ անկիւն մը, առանձնակի խօսակցութեան մը քահանային հետ, որ կորաքամակ, ձեռքերը գրեթէ մինչեւ հող կ՚իջեցնէր, անոր բառերը գետին իյնալէ արգիլելու ու վերցնելու մինչեւ իր օծուած գլուխը:

-Թող չվախնան…

Ինչպէս կը կարծէր ըսել տէր Օհանը, քիչ մը բաց սպասող, խորապէս վիրաւոր իր զանցուելէն, քանի որ իբր աւագերէց իրն էր իրաւունքը հազարապետին հետ սա տեսակցութեան: Ուրախ եղաւ անիկա սակայն: Տագնապին մէջ մեղմացո՞ւմ մը:

Նոյն մունետիկը, այս անգամ կիսաշեշտ յայտարարեց նոր հրամանը: Քանի մը րոպէ չանցած` ամբոխը թափեր էր դռնառաջները: Զինուորները կը շարունակէին պտըտիլ:

Ի զուր տէր Օհանը սպասեց, որ դարմանուի բարձրաստիճան սա թիւրիմացութիւնը ու դարձուի իրեն օրինաւոր, աստուածապարգեւ կոչականը`

-Պաշ փափազ էֆէնտի…

Անիկա բախտաւոր չեղաւ: Ու լալն էր պակաս քաջարի տէրտէրին, որ դանակ դանկի էր եկեր տէր Արսէնին ու անոր պարագաներուն ու կողմնակիցներուն հետ, գլուխին գնովը ափին պահելու կնիքը աւագերէցութեան ու ջախջախած քաղքենի դարձող տէրտէրին յաւակնութիւնը իր բազուկներով, ինչպէս կարգը յարգող հին-գլուխ աղաներուն նպաստովը: Սպասեց ու կը մտածէր…: Այնքան հզօր է մեր մէջ պատիւին ու նանրութեան խռովքը:

Պիտի չտեսնէր զայն բարձրաստիճան «հիւրը» ու ընկղմէր թուղթերուն զննութեան: Կարդաց արագ, թուականի կարգով, ոստիկանական տեղեկագիրներէն, որոնց որ անծանօթ էր ինք:

Ձերբակալութիւնները պիտի շարունակուէին:

Խումբ մը զինուոր կը բերէին ջորիները, հսկամարմին, արջու պէս թաւամազ սրունքներով: Անոնց կուրծքին առատութիւնը ու կողերուն ընդարձակ կիսաղեղը կը բացատրէին ուժը, որուն շտեմարանը կը մնային…

- Մաշալլա՜հ

Գեղացիներն էին, հիացած անասուններուն զօրութեանը վրայ: Չէի՞ն տեսներ, անոնց վրայ Դարբին Թորոսին քով ենթադրւածին նման երկաթի խողովակներ, հաւանական թնդանօթները թուրքին:

Ու ծանր, ամբողջ երկաթ սայլեր, վրանին գոց, բեռնաւոր երկաթ սնտուկներով, հսկուած` ահադէմ մարդերէ: Թուրքին ուժն էր, որ կը խուժէր, հազարապետին բարի ու գոհունակ աչքերուն առջեւ: Ու կը խուժէր անդիմամարտ:

Տասը տարի առաջ նման խուժում մը փողոց պիտի թափէր մեծն ու պզտիկը, ոչ հիմակուան պէս նկուն ու անխելք: Տասը տարի առաջ, կրակի գիծին պիտի ցցուէին կիները, որոնք այրերէն կանուխ, նոյնիսկ անոնց հեճուկին, կռիւը կ՚ընդունէին երսակները քաշելով իրենց ոտքերէն ու փակցնելով հանդիպած զինեալին: Չէմ պատմեր հոս, հեղ մը նորէն ինչ որ ըրած են անոնք անցեալին մէջ, իրենց ձիերէն առնելով ռէժիի դէտերը ու քթան թակածի պէս թակելով անոնց հաստ ու հուժկու կռնակները: Տասը տարի ետքը (տարիներ` որոնց ընթացքին մեր ժողովուրդը նիւթական իր կորուստէն աւելի հզօր ձեւով մը, զգաց մա՛նաւանդ մաշումը, փտումը իր հոգիին: Կոտրե՞ր էր դարաւոր սիւնը իր խորհուրդին, իր առաքելութեան, որոնք զինքը հազարամեակներու վրայ կանգուն պահեցին ու հասցուցին մեր օրերուն: Յաղթական թուրքերը, այդ տարիներուն, մեզի դարձուցին, արդի մեր կրթութեան հետ հիմնովին անհաշտ մեր հին գերութիւնը, անաւարտ անոր տախտակները, կրունկի հարուածներու ներքեւ լրացնել մեզ ստիպելով: Եւ ըրին ատիկա փառքով ու հեշտութեամբ, մեզ կործանելէ աւելի` իրենց արիւնախանձ հոգեկան հէնքը նորոգելով), դուռերը բացուէին պիտի, բայց պզտիկներ ձգելու փողոց: Մունետիկին կանչը բաւ չեղաւ զատելու կիները պատուհաններուն ետեւէն, ուր` սառած, անգամ մըն ալ ապրեցան Իննսունվեցի օրերը, երբ հաւաքուած, եկեղեցին, սպասեցին կրա՜կը, սեփական ձեռքերէ, եղով օծուած իրենց մարմիներուն համար, ականջնուն մէջ պողպատ պտուտակը զինուորական շեփորներուն, որոնք, այսօրուան պէս, պոռացեր էին գեղին վերերէն ու կը հեռանային, առանց մտնելու ներս, ով գիտէ յանկարծահաս ի՜նչ կարգադրութեամբը Ամենակալին:

Յեղափոխութիւնը հազիւ հպանցած է այդ գեղերուն, որոնք զայն հասկնալու համար ոչ մէկ պատրաստութիւն ունէին, բացի ցեղային նախատրամադրութիւնը, ռոմանթիք հուրքը, որով անիկա երեւան եկաւ Պոլսոյ մէջ: Զարգացման պակասը, զրկանքին շատ երկարատեւ վարժութիւնը, վերջին դարուն թուրքին արտաքին շրջափոխութիւնը պատճառներ են, որպէսզի բացատրուին կարգ մը ժխտական երեւոյթներ, այդ շրջանակին մէջ ելած լայն ծաւալի: Ատ գեղերուն մէջ, հարուստներու տղաքը - աղքատները եթէ հողին չկապուին, կշիռի կ՚ելլեն, զէնքի կրկէսէն - կը սիրէին պոլսական, 1860ի սահմանադրական խանդավառութենէն ինչ որ մատչելի կրնար ըլլալ անոնց ջիղերուն, - երգը, պոռալը, ինքզինքը ու ցեղը գերգնահատելը, թուրքը նախ կրօնքէն, յետոյ պարտութիւններէն դատելով արհամարհելը, Վարդանն ու Վահանը, Դուրեանի եւ Պէշիկթաշլեանի ողբերգութիւնները ու Հայկ դիւցազնը, Չամչեանները, Նոյեան տապանը ու դրախտը: Անոնց տղաները դեռ կը պահէին ամիրայական օրերէ տարտամ վերջալոյս մը ու կը կառավարէին գեղը` ինչպէս կառավարեր էին Սահմանադրութենէն առաջ, ամիրաները` Պոլսոյ թաղերն ու պատրիարքարանը: Թուրքը տարրն էր անոնց համար. մեր մեղքերէն` մեր գլխուն ճոկան, կարգադրուած Նախախնամութեան անհաս օրէնքներով: Զայն կրելու, գործածելու մէջ ուժէն աւելի իմաստութիւն, ճկունութիւն էր հարկաւոր: Հովն ալ գործի լծելը, անոնց սիրական առածներէն մէկը, փոխաբերաբար կը բացատրէր սպաս դնել յիմար փոթորիկը` հողմացի, առնուազն առագաստի:

Այնպէս որ, երբ հնչեցին հեռուի ձայները, այդ գեղերն ալ ըրին յիմարութեան, խանդավառութեան, ցեղային հուրքի քանի մը փորձեր, վրիպած բոլորն ալ: Զէնքի, գրոհի իրենց ընդունակութիւնը չէր, որ դաւեց իրենց, այլ` հողը, թրքութեան ծո՜վը, որուն մէջ կղզի ալ չէին կրնար մնալ: «Բորբոքեալ հնոց», հոգինե՛րը, անշուշտ, բայց ջուրերու մէջ: Ու ծռեցին իրենց առագաստները շատ շուտ, հովին ուժէն զահանդուած: Արդէն, տասը կրակի, արիւնի տարի աւելի խոր կ՚ակօսեն իրենք զիրենք, քան պարզ կեանքի հարիւրները: Ժողովուրդները կը հասուննան ցորենին նման, որ վեց-եօթը ամիս թիզ մը իր հասակը կը պարտկէ արի ու չարքաշ, բայց ամսուան մը մէջ հասկ ու հասակ կ՚աւարտէ: Մարդիկ, այդ տագնապին մէջ, հեռու էին օրերէն, երբ ափի ծաւալով կարմրուկ թերթեր, անհաւատալի իրենց խորհուրդովը դող կը ձգէին կարդացողին` ինչպէս անուսին մէջ, կը յուզէին անոնց ընդերքը ու կը բանային դժուար, սրբազան նկատուած զոհաբերութեանց անոնց երակները: Խենթե՞ր, ոճրագործնե՞ր, ատ մարդիկը, ինչպէս կը սիրենք հիմա անուանել, պիղատոսեան փարիսեցիութեամբ մը, աղէտը բեռցնելու նոխազ մեր փնտռտուքին մէջ, ստելով մեր իսկ խղճմտանքին: Անոնք` որ պիտի գրեն մեր յեղափոխութեան պատմութիւնը պարտաւոր են կանգ առնել այս հոգեվիճակին դիմաց: Ամէնքս ալ, այսօրուան կարմիրներէն սկսեալ մինչեւ դաւաճան, տաճկըցած մեր արենակիցները, առքին մէջն էինք հնչող ձայներուն: Սոփեստութիւն, անգթութիւն, անասնութիւն է ցեղին մէկ հոգին կոտորակել, «իմաստուն ու յիմար» կոյսերու հեքիաթներ ստեղծել: Ո՛չ մեղք, ոչ ալ ամօթ է ազատութեան երազը: Զայն իրացնելու կե՞րպը: - Հոդ կը փոխուի հարցը: Այս պատմութեան մէկ-երկու գիրքերը պիտի պարզեն մեր Աղէտին շուրջ մեր մտածումի տարբերակները: Իմ գործս է ատոնց բերանով տալ կիսադարեան խմորումի մը սկիզբը, զարգացումի եղերական յանգումը: Անկէ առաջ, փոխադրելով ընթերցողը բռնապետութեան իսկ սիրտը, պարտք կը զգամ ըսելու կանխուած քանի մը դառնութիւններ: Զսպումի գործին անսովոր, մեծատարած անգթութիւնը չէր, որ Ջարդերէն ետքը մեր յեղափոխութիւնը նուիրագործեց, ոչ ալ գիտակցուած վրէժխնդրութեան հոյակապ ուխտ մըն էր, որ մեր ընկրկումէն, կործանումէն երեւան բերաւ տարօրինակ շարանը մեր զոհուողներուն, զանգուածէն առաջ, մարգարէ ու յիմար: Հիմա դիւրին է հայհոյել ատոնց: Ատիկա փաստ է հոգեկան փոքրութեան, մեզի պէս գերի ժողովուրդի մէջ հասկնալի սակայն: Պէտք է տեսնիլ զանոնք, իրենց ատենին ու պայմաններուն մէջ, երբ, զանգւածէն ուրացուած, թշնամիէն ու ցեղակիցներէն կրունկ-կրունկ հետապնդուած, հսկայ ինքնապատրումով մը դիմացան անոնք: Այնքան մեծ էր իրենց երազը, որ չէին զգար շուքին դերը ու չէին հասկնար անկէ դուրս աշխարհը, աշխարհ մը, առնուազն թուրքը: Առքի այս լայնքով, այդ սերունդը կրնայ հաւասար փլանի դրուիլ ռուս անիշխանութեան հետ, անկէ զատուելով ասիական, աւանդութենէ զուրկ ցեղային իր նկարագրովը: Այնպէս որ, եղաւ անիկա ինքզինքը, ուրիշ ժողովուրդ մը, մայր զանգւածին մէջ: Ու հակառակ անհուն յուսախաբութեան` ան չդադրեցաւ հաւատալէ, ուրիշ ամէն բանէ արգիլուած ըլլալուն: Հիմա, այս տողերը քիթ-պոչով կարդացող գոլէճական երիտասարդը, ամերիկեան, յետպատերազմեան իր ջնարակին մէջ պարտկած իր ցեղին խորտուբորտութիւնները, ապահով` իր թանկ գիտութեան ու գլուխին մասին, կապիկի իր անբաղձութեանը մէջ ամրածածուկ, ուս թօթուէ պիտի սա մտածումներուն, պատկերներուն, անոնցմով սեւեռիլ ձգտուած հոգեվիճակին, ու յօրանջուն, խորհելով տուշին, թէնիսին, ֆութպոլին, ժամացոյցէն հալածուելով, ձեռք պիտի նետէ տնտեսական, ատամնաբուժական կամ բժշկական յօդուածի մը նոր-աշխարհեան որեւէ միլիոնատիպ մէկեզընէ: Չեմ ցաւիր մեզ չկարդալուն: Բայց կը ցաւիմ իր ցեղը ուրանալուն, մենք` որ այդ ցեղը սիրցնելու դաժան, ապերախտ աշխատանքը մեր անկումին մէջ կը դաւանինք կանգուն միակ փարոսը: Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին ուսումը արժեցուցած այդ երիտասարդը, որ կրնայ արժէք ունենալ նաեւ իր ուղեղին մէջ, ու դասախօսել մինչեւ իսկ բժշկական համալսարանին մէջ, անիմաստ կենդանի մըն է, մեր իսկ մարմինին վրայ օտար մը, մակաբոյծ մը: Ո՛չ միայն դուրս է անիկա իր ցեղէն, այլեւ դուրս է անոր անցեալէն, մօտիկ անցեալէն: Ու կը հայհոյէ: Ու այսպէս են միւսները, աւելի խոնարհ արարածներ, գէշ-աղէկ ապահովուած իրենց գործին, դիրքին կակուղ հանգիստին մէջ: Ատոնց ինչ փո՜յթը, թէ ինչպէ՛ս ապրեցան անմիջական իր պապերը թուրքին յարդարուած բռնապետութեան շրջանը: Եթէ ամերիկեան այդ հանդէսներուն քով Յերեւանէն աս ու ան ձեւով հանդէս մըն ալ թղթատէ այդ բժիշկ-դասախօսը, կամ ամերիկեան կրթութիւն իւրացուցած համեստուկ գոլէճականը, այն ատեն աղէտը կատարեալ է: Պիտի լուայ իր խղճմտանքը, մեղադրելով իր ցեղը ու սրբացնելով թուրքերը: Վասնզի յամին շնորհաց 1933ին, նորութիւն է ատիկա: Զու՜ր են այս տողերը անշուշտ, որոնք նպատակ ունին հաստատել - ոչ թէ տիալեքտիկայով բացատրել -, թէ ինչպէս ազատութեան հարցը մէկէն ի մէկ մեցծաւ, ինքզինքը չճանչնալու չափ ու կարճ միջոցի մէջ հոմանիշ դարձաւ ինքնաջնջումի: Քաղաքականութիւն կամ աւելի հարազատ բառով քաղաքագիտութիւն չէ, որ կ՚ընեմ: Անշուշտ 915ը նոր ու գուցէ աւելորդ փաստ մըն է թուրքերու ուժին: Բայց այդ ուժը ունի իր պարտքին կողմը ուրիշ ալ թուականներ, ամէնէն տխուրը ու մեզի համար պատրանաւորը 878ը: Ուրիշ փաստ է մեր միամիտ ռոմանթիզմին համար 896ը: Բայց դատու՞մ` այս թիւերուն խաչանտառին դիմաց: Կէս դարը պիտի չբաւէ մեր մտքին աչքերէն ազատելու արիւնին դոնդողը, որպէսզի փորձուինք ուղիղ տեսնելու: Այս պատմութեան սա օրերուն: Մայրաքաղաքին շատ մեծ շրջանի մը մէջ կեանքը եղաւ մնայուն սպասում մը, մենէ վեր յոյսի մը (ո՞ր դարն է, ուր մեր ժողովուրդը տիրակալուած չըլլայ իրմէն վեր յոյսէ մը, զինքը գօտեպնդող ու հազար փորձանքներու պողոտաներէն, մեր օրերուն հասցնող): Թուրքին հետ չափուելու գործը, վերցուած կրկէսէն ու նետուած անծանօթ ապագայի: Գլուխի, առաջաւորի պակասը, լրտեսութեան համատարած ցանցը, հարստանալու, սողալու, իր գդակը ջուրէն չոր հանելու տաղանդը իրար լրացուցին: Աստուծոյ տունէն իսկ իր ժողովուրդին վրայ արիւնի սա փոթորիկը արձակող քահանան դասական մատնիչը չէ 95ի շարժումներուն, ոչ ալ 915ի` իմացապաշտ ջնարակով ազգային ժողովի բեմով ու թերթուկով տարիներ այս ժողովուրդը իր «սոցեալ» ու ժողովրդավար քարոզներովը ռմբակոծող սինլքոր քլիքէն կանխախայրիք սրիկայ մը: Ան կը պաշտպանէ՜ր իր գեղը յեղափոխական փորձանքին դէմ ու բարիք կ՚ընէ՜ր, մատնելով: Անոր օրինակը նուազ դեր չունեցաւ ամբոխին ընկրկումին մէջ. մինակ ատ գեղը չէ, որ նկատի ունիմ: Նայուածքը կը տարածուի մեր ժողովուրդին բոլոր խաւերուն: 915ը կարելի չէր ` եթէ մեր բարերարնե՜րը քիչ ըլլային քիչ մը: Որքան շատ է մեր ըսելիքը ո՛չ թէ թուրքին, այլ` մեզի մա՛նաւանդ: Ու դառնութեամբ կը դառնամ պատմութեան:

Ոստիկաններ:

Բացի գազային սովորական ուժերէն` ուրիշներ, կիսակազմ, մօտ գեղերու պահեստներէն ափափոյ կանչուած, սանկ ու նանկ համազգեստ մը հազիւ ճարելով ուսերնուն ու նետուած գեղ: Լիրբ, ընտանի, տարօրէն բացսիրտ, այսինքն` մտքէ անցածը ոտքերնուն թքնող, հաւասարելու չափ զօրքին սեւ սիրտ, տարերկրեայ ատելութեան: Անոնց առջին` գզիրը:

Թաղէ թաղ: Տունէ տուն:

Հազարապե՞տը:

Անշու՜շտ: Վերցուցած` պաշարումին բարբարոս նկարագիրը, անոր տալու համար պետական հով: Բռնել, ամէն գնով ոճրագործը, ընկերները, մասնակիցները գեղէն: - Բայց միայն անոնք: Ջա՞րդը: Մօտ էր նաւահանգի՜ստը: Ուր ամերիկեան զբօսաշրջիկներ սպասելի էին: Մօտ` Պրուսան, իր հիւպատոսական տժգոյն մարմիններով: Հազարապետը չխօսեցաւ այս ամէնէն իր ստորադասներուն: Բայց բացատրեց պալատին կամքը, որ շահ չունէր արիւնի նոր պատմութիւններէ, ոչ ալ երկիրը, որ կ՚անգիտանար այդ խեղճ գեղերուն հայ ըլլալն անգամ:

Կը զարնէին դուռերը: Կը հանէին մարդերը, պզտիկ յապաղանք մը, ընդդիմութեան մտացածին ուրուաձեւ մը շահագործելով անաղարտ անգթութեամբ, հազարապետին պակսեցնել փորձածը քառակուսուած աւելցնելով, ծեծին տակ փշրելու աստիճան, ցրեխ-ցրեխ, յանդգնողին ոսկորները:

Ձերբակալութիւնները ստացան նոր գնացք: Զապթիէ ները - այն ատեն այս անունը ունէին ոստիկանները - թուղթով կը ներկայանային: Ո՞վ էր հեղինակը այդ ցուցակներուն: Ու ի՛նչ` վիճակը, որ կը սպասէր բռնուածներուն:

Խելքով, զգուշութեամբ, «քաղաքավարի», սկի՛զբը, ամէն ձերբակալութեան: Այս երանգը, աւելի շե՛շտ` այն տուներուն առջին, ուրկէ երիտասարդ մը կամ իր մէկ արարքովը ուշագրաւ մէկը, անունը հանած էր հանրային ծանօթացման: «Պաշտօնական», «անթերի» հրաւէր մը, ինչպէս պարտ էին ըլլալ բոլորն ալ, հրամանատարին նոր կարգադրութեամբ մը, զանոնք կ՚ուզէր սօսեւոր սրճարանը:

-Հազարապետ փաշան ըսելիք ունի…

Նախադասութի՛ւն, զոր կ՚արտասանէր հազուադէպ փափկութեամբ, կեղծ գորովի անհնարին երանգ մը տարածելով բառերուն վրայ, ձայնէն, դիմախաղէն, մատնելու շարժումէն` անպաշտօն պաշտօնեան «եօթանասնեկ»ի (թուրքերը կ՚ըսեն եօթանասուն գեղէ վռնտուած) սրիկան, հազիւ յաջողելով պարտկել հեգնութիւնը ու կուլ տալ լեզուին վրայ թուրքի պէս այրող կլորիկ հայհոյութիւնը: Եղկ, անկնիք, էգ իր բառերը կը ստեղծէի՞ն բաւարար պատրանք, որպէսզի կանչուողը դառնար ետ ցեղային իր խրտնումէն, արդարացի առհաւութեամբ մը ձեւագրուած խորը անոր հոգիին փլաք ներուն, հաւատար բռնի ու իյնար առջեւը ոստիկաններուն:

Պատահածներուն անդրադարձը թաղէ թաղ կ՚եղծուէր պակասով կամ առաւելազանցումով: Բայց ինչո՞ւ կ՚երթային: Կինե՜ր, հեղինակը այս հարցումներուն, որոնք այրերէն արագ կը զգան, բայց ուշ կը մտածեն: Քահանային մուտքը, «առաջաւոր» տուներէ ներս կը նպաստէր ընդհանուր շփոթութեան, այլընդայլոյ դատումներուն: Պաշարումին սկզբնական անակնկալը, գործադրուած խստութիւնները, շատ մը տեղեր բռնութեան մեղմացումը` հազարապետին ժամանումէն յետոյ, նուրբ հեգնութեամբ քողաւոր «մարդավար»ի հրաւէր, ընդհանրական գլուխի ծրագրի պակասը, գեղին մեծերէն նախօրօք ճշդուած որոշումներու պակասը պատճառներ էին, որպէսզի փնտռուածները լքուէին պաշտպանութեան իրենց բնազդներէն: Մնաց որ, զինուորի, զապթիէի այս առատութեան, երբ թնդանօ՜թը կեցեր էր սրճարանին դէմօքը - իրականին մէջ ջուրի խողովակ - մթնոլորտը կը բաբախէր խորունկ բաներով: Առաջին զէ՞նքը: Դիւրի՜ն էր պարպելը: Բայց…: Ու այդ «բայց»ը դժբախտաբար շատ ըսինք: Ու տրտմութեամբ անոնք կը զգային իրենց լքումը իրենցմէ: Դառն` բայց բացատրելի զառիթափէ մը անոնք կը փոխադրուէի՞ն դար մը ետ, երբ պարտաւոր էին ամէն կանչող թուրքի դէմ ելլել, ծունկերը գետնին ու գլխամած: Պէտք է խօսիլ այդ օրերէն ալ: Ատոնք ծածկելը մեզ աւելի եղկելի կ՚ընծայէ: Դար մը առաջ այսօրուան 6-7 միլիոննոց Յունաստանը 200. 000նոց որբանոց մը, հիւանդանոց մըն էր, մեզի չափ կործանած, կորակոր ու անփառունակ: Անոնք` որ մեզ լքեցին այսօր, անոնք, բախտի քմահաճոյքով մը ձեռք երկարեցին այդ որբակոյտին: Այսօր Յունաստանը աւելի գեղեցիկ է, քան Անատոլուն:

Կը հաւաքուէին, աւելի աչալուրջ ու նահանջ չներող պատրաստութեամբ անոնք, որ նուիրագործուած անուններ կը կրէին կռիւէ մը, սրտոտ արարքէ մը կամ հին գերդաստանի մը արիւնը, գոնէ մականունը կը տանէին քիչ մը բարձրկեկ: Թուրքը կը պահէ յուշագրութիւնը բոլոր այն մարդոց, որոնք կռիւի մտան, նոյնիսկ իրենց կուշտին, ասպատակներու գրոհին մէջ (իրենց բանակներուն մէջ մեր զինուորներուն քաջագործութիւնը պատճառ չեղա՞ւ, աւելի վերջը, դաւադրօրէն անոնց սպաննուելուն): Որոնք վտանգահար մարդոց օգնութեան փութացին, իրենց անձը նետելով փորձանքի, մտան կրակուած տուներէն ներս, ազատելու պաշարւած մանկիկը կամ այրելու սկսած անդամալո՜յծը, ելան առջեւը կատղած հեղեղներուն ու անոնց երախէն կորզեցին մանկաւոր օրանը, կիսախեղդ ջորին, հալածեցին գայլերն ու արջերը: Գեղը իր արարքները կը փոխադրէ ուրիշ գեղերու, իր բանուորներով: Թուրքերը մեզի պէս միամիտ չեն, երբ հարցը կը դառնայ մարդեր ճանչնալու: Ձերբակալութեանց մէջ տուն տուողն էր վարի գեղին մեծաւորը, անուս` բայց մեծ միջոցներով աղա մը, որ եօթը անգամ կրնար պէյ մկրտուիլ եթէ ուզէր, բայց մնաց զգոյշ: Ան էր, որ պետական մտայնութիւնը որդեգրեց այնքան կանուխ ու հայ գեղին աճումէն ահաբեկ, անոր հողերը գրաւման ենթարկեց Պուլկարիայէն կանչուած գաղթականներով: Դէպի լեռ գեղին տարածումը այսպէս արգիլող խելացի աղան օրը կանցընէր հայ գեղին մէջ ու կը ճանչնար աչքի ինկող տարրերը:

Նոյն խնամքով կանչուեցան բոլոր որսորդները, նշանառու տղաքը, խոշոր գինովները, որոնք հարսնիքը կը թնդացնեն, հարուստներու առատաձեռն զարմերը, խենթուկ ու բացսիրտ, որոնք խմել ու խմցնել գիտեն, ժողովուրդին վրայ որոշ հովով ու հեղինակութեամբ: Դրամով, բազուկով, խօսքով, խրախոյսով հարուստ բոլոր մարդերը, առաջին Ջարդերէն անմասն մնացած` սա շրջաններուն մէջ, դեռ այդ օրերէն անոնք ենթարկած էին ցեղային կասկածին: 915էն շատ առաջ, սա հաւաքումը, խոշոր գիծերով, նախատիպարը կրնայ նկատուիլ միւս այն մեծ եղանակին, որով, վերջին Աղէտին, անոնք հնձեցին մեր ժողովուրդին ընտրանին, նախահոգ հաշիւներով, լայնօրէն դիւրացուա՜ծ, այս կերպ, իրենց էջքին մէջ, դէպի բնաջնջման մեծ տարազը: Հազարապետը զուր տեղը Ֆրանսա չէր ըրած: 1871ին Communeին զսպումը կատարող մեթոտները կիրարկելի էին բոլոր զսպումներուն: Ու հազարապետ Մեհմէտ փաշան խորունկ հիացող մըն էր Թիէռին: Այնպէս որ, իր միջամտումը սա տագնապին պատճառ եղաւ բռնուածներու աճումին: Այս երրորդ օրն էր, ու գեղը` թեթեւնալու տեղ զօրքէն ու անոր ճնշումէն, կը թեթեւնար իր երիտասարդներէն: Ձերբակալուածները ա՛լ չէին կապուեր, ծեծուեր, նախատուեր, բայց անընդհատ կ՚աճէին: Անոնք լեցուեցան պարապ սրճարաններու մէջ: Նախապէս բռնի բացուած խանութները, դարբնի, պայտարի, համետագործի, որոնք վերածուելու էին առժամեայ բանտի, փակուեցան: Ամէն սրճարանի առջեւ, չորսական զինուոր, արիւնկզակ ու պայթելու չափ ատելախից աչքերով, ուրուացնելով իրենց մերձաւոր նախնիքը, երբ կը մտնէին այս գեղերը, մանչ ու աղջիկ հաւաքելու…: Ամէնն ալ վար էին առած մաուզէրները ու մատներէն` սանտրովի` լարած փամփուշտները: Կասկած չկայ, որ արտօնուած էին, առանց մէկուն սպասելու կամ հարցնելու կրակ բանալ ընդդիմութեան, փախուստի, դուրսէ միջամտումի ամէն փորձի, նոյնիսկ, ներսէն կամ դուրսէն, շարժուածքի, խօսքի, նայուածքի ձեւով: Զինուորներուն զիջո՞ւմ մը այս խստութեանց տեւականացում մը, թէ պետական միջո՜ց: Հազարապետ փաշան թուրք էր` շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ: Ան չվերցուց անհասկնալի արգելքը, որով գործեր էին զինուորները, անոնցմէ առաջ` ոստիկանները: Կը պատժուէր ով որ քիչ մը շեշտ կը նայէր զինուորներուն: «Սուինի հարուած մը իրաւունք ունէր պայթեցնելու այդ աչքը, փտած լոլիկի մը պէս»: Այս սպառնալիքին կը հետեւէր թրքական երդումը Աստուծոյ անունով: Արգիլուած էր բերան բանալ, թէկուզ աղերսով: Սուինի ուրիշ հարուած մը կարող էր ատամնաշարը կիսել այդ սրբապիղծին: Ստուգութի՞ւնը այդ սպառնալիքներուն, - վեր կասկածէ: Արգելափակները կը տառապէին աւելի խոր ցաւերէ: Այնպէս որ, մտքէ սրբուեցաւ առաջին խռովքը, որ կ՚արթննայ ամէն անիրաւուածի մէջ, երբ անակնկալ կը նետուի ծակը: Ա՛լ չէին հարցներ պատճառը, որ զիրենք հոդ էր բերեր: Կարծես հաշտուած ըլլային իրենց ճակատագրի սաստին, կամքին` սա ուղղութեամբ: Անոնց մեղքը մեղքն էր իրենց ծնունդին ու կը զգային ատիկա: Հազարապե՞տը: Անշո՛ւշտ: Գերմանական գիրքե՞րը, թէ ցեղին հին արեան գնդիկները անոր կը թելադրէին յարգել զէնքին խուլ հրամայականը, զինուորը պահել այդ հոսումին մէջը, անոր մէջ մշակել ինչ որ խորհուրդն է ուժին ու բռնութեան: «Կալի եզան բերանը չեն կապեր», այսպէս կը խորհի գեղացին: Ու Եւրոպա պտըտած, «լուսամիտ», արեւմտացած այդ սպային կիսաժպիտ օծութեանը տակ` դեռ այդ օրերուն, գեղացին նախաճաշակը կ՚առնէր այն միւս դժոխքին, որ բացուեցաւ անոնց ոտքերուն ու աչքերուն, տասնհինգ-քսան տարի ետքը, նոյն այս մարդոցմէն:

Անոնք պահուեցան անօթի: Կային` որ երէկուընէ կը սպասէին ճամբայ հանուելու դէպի գազան: Զաւկի, կնիկի, անօթութեան տէրեր, մեծ մասը այս փակուածներուն: Կը խօսէին կամաց, հազարապետին գալէն ետքը միայն ու կը խօսէին վախով, վասնզի ոստիկաններուն ու զինուորներուն մէջ հասկցողներ չէին պակսեր: Եղան` որ հարցուցին ալ մտովի. «Ո՞վ կը կեցնէր ետ սա մարդերը, որպէսզի չխղդէին զիրենք»: Ու անդրադարձ, կրաւորական սարսափը կ՚առնէր զանոնք իր լուծոյթին մէջ ու կ՚ընէր դոնդող:

Որքա՞ն էր տեւելու այս հաւաքումը`

-Մինչեւ որ բռնուի Սողոմենց տղան:

-Մէկ հոգո՜ւ համար:

-Թուրքերը վերմակը կ՚այրեն մէկ լուի համար:

-Հայե՞րը:

-Վերմակ չունին, որ այրեն:

Կը մենախօսէին, կը զուգախօսէին, բայց բառը բեռ էր: Անոնց միտքը կը զարմանար կապին, որ կը ձգուէր իրենց ու լեռները հիմա ազատ կոխկռտող ասպատակին, ներուն միջեւ:

Կէսօրուան մօտ, հազարապետը, գրեթէ շէն, ելաւ աթոռէն, աչք մը նետելու, զանազան տեղեր թխմուած մարդոց: Խուլ սարսուռ մը անցաւ անոր վրայէն ու եղաւ դեղին: Անոր ընկերացող պաշտօնեան, ան ալ ժպտադէմ, երբեք թուրք, ձեռքին թուղթ մը, բաներ մը կարդաց անոր ականջին: Մտիկ կ՚ընէր ու կարելի էր սահիլը կարդալ թիւերուն` անոր դէմքին վրայէն:

-Առջի՞ օր:

Լսելի` բայց թաքնիմաստ: Հազարապետը կը թուէր մտածել ու հեռուն նայիլ: Անոր մատները ելան անգիտակից համրանքի: Ինչո՞ւ:

-Քսա՛ն:

-Քսա՜ն:

Պատասխանը թիւն էր «երեւելիներուն»: Ղրկուած գազա: Ամէնէն «իւղոտ» կարաւանը: Ամսականի երես չտեսած պաշտօնեան կը խորհէ՞ր անոնց կռնակէն հանուելիք եղին:

-Երէ՞կ:

-Քառասուն:

Մտածումը, որոշ, հեռացուց անոր դէմքը երեսներէն: Անիկա գացած էր գիւղաքաղաք: Հոս ըլլալէ առաջ քննած էր պալատը, անոր ածխացած սենեակները, ու բանտային երկու նկուղները:

-Այսօ՞ր:

-Վաթսուն:

Տեղ պէտք էր ատոնց:

-Շա՛տ է:

Ու ձեռքը վար իջաւ, արգելիչ ու կարճ:

Կ՚արգիլէ՞ր շարունակութիւնը: Բայց չէր գիտեր, թէ անիկա կը կրկնէր իր պապերուն շարժումը, որով, քանի մը դար առաջ, յաղթական զօրավարները դադար կու տային կրօնափոխութեան կամ ջարդին, ո՛չ հիմակ պնդածնուն նման մարդկային զգացումներէ թելադիր, այլ` պարզ այն մտահոգութեամբ, որ դեռ ի զօրու է կարգ մը որսաստաններու մէջ, - բնաջինջ չընել: Թուրքերը պէտք ունէին քրիստոնեայ նախիրին: Ամէն թուրք, բնազդական իմաստութեան մը, հաղորդ է ցեղային այս պատգամին:

Անիկա դարձաւ քննութեան դիւանին: Խօսեցաւ կամաց հարիւրապետին: Սեղանէն առաւ թուղթեր, թիւի ցուցակներ: Յօնքերովը զատեց չորս մարդ, որոնցմէ մէկը` դաւաճան քահանան ու բացուեցաւ ժամուն կողմը: Իր անցքին` պզտիկներ, կիներ, լալէն ու վախով:

Անոր աթոռը գրաւեց Գարագայա Սիւլէյման պէյը, կամաւոր հարիւրապետ: Սիրտին տեղը` «սեւ քար», զինուորական:

Գրեթէ պղնձագոյն - թուրք զինուորականութիւնը առաջին հաւաքածոն է բազմապիսակ քաղաքակրթութեանց, որոնք այդ ժողովուրդին հոգին չեն կրցած կերտել տակաւին -, եգիպտականի մօտ թխութեամբ մը` այդ հարիւրապետը մէկն էր այն յաճախադէպ տիպարներէն, զոր թուրքերը կ՚ախորժին գործածել ժանտարմըրիի զօրաթեւերուն մէջ, այլացեղ մարզերու դժուարութեանց համար: Բանակին մէջ ատոնց խստութիւնը, անգթութիւնը մշտական վտանգ է անոնց անձին: Բացառութի՜ւն, Գարագայա Սիւլէյման պէյը, կոշտ, քռթած, տարօրէն դաժան, բայց նոյնքան ալ ընդունակ այն դերին, որ քաղաքային ըմբոստութիւններու ատեն երբեմն այնքան կարեւորութիւն կը ստանայ: Զինուորական բացսրտութիւնը, կեղծիքէ դուրս արձակութիւնը անոր մէջ, փոխանակուած էին անհաղորդ ու հզօր նեղութեան մը, հոգիէ ու նայուածքէ, ձիգ` բերանէն, ճակտէն, քսակէն ու սիրտէն: Բանակին մնայուն ապրանքը չըլլալուն, պէտքի բերումով աստանդական` անիկա չունէր պարզ մարդոց հոգեկան գոյնը, զոր կը ճարեն մեր օրերը, բայց կը ճարեն դիմացող դաշտանկարներու, երկնանկարներու, գիւղանկարներու, հաւաքական երանգապնակէն: Զուր տեղը չէ, որ ժողովուրդ մը զաւակն է կ՚ըսեն իր հողին: Տարի մը` հոս, ուրիշ մը` հոն, առաջին երիտասարդութենէն սկսեալ` անիկա գաղթային աշխարհ մը ունէր հոգիին, վաչկատուն ու խուսափուկ, ուր իր օրերը մուխի բռնուած միսի կտորներու նման ինկած էին զատ-զատ, անհուն գերեզմանի մը վերածելով ինչ որ ուրիշներու ուղեղին տակ ապրումը, աճումը կը պիտակէ: Կ՚ատէր իր մեծերը, տարիքի մէջ անոնց մատաղութիւնը մանաւանդ, որ, անոր կարծիքով, միակ ազդակն էր անոնց արժէքի ելքին, ու շնո՜րհը անոնց դէմքին, վարդերանգ ու մշտաթարմ, զոր կ՚ընդունէր իբր անոնց գերագոյն ձիրքը, մատաղատի` այդպէս բարձր աստիճաններ գրաւելու: Նախանձը պղնձակուռ չորութեան տախտակ մը ըրեր էր անոր հոգեդաշտը, առանց գիծի, ալքի, կարկառի, - փոքր` բայց անհրաժեշտ խայտուտներ, որոնց վրայ կ՚աճին, կոկոն կու տան մարդկեղէն զգացումներ, հօր, մօր, զաւկի, ընկերոջ երակներէն: Հասկնալի էր, որ ատէր մա՛նաւանդ քրիստոնեան, այդ շրջանին` դասական հոծութեամբ, կրօնական ատելութեան` բիրտ ու աւանդական` կրկէսէն, որով Հայկական Հարցը գունաւորուած, մատուցուեցաւ դէպի հասկացողութիւնը ամբոխներուն, ու ատէր հայը հոգեկան այն դաժան, հեշտ` բայց քիչ մը արժեզրկող անհանգստութեան համար, որ կը խռովէր անոր խորապէս մոլեռանդ խղճմտանքը, ջարդերով ստեղծուած տենդին ու գրգիռին ընդմէջէն: Զայն կը ջղայնացնէր չթափուած արիւնը, բայց կը տխրեցնէր թափուածը: Ու անոր հաւատքը մարգարէական գիրքին պատգամը դժուար կը տեղաւորէր անոր սիրտին մէջ, քանի որ մեղք էր անհաւատին գոյութիւնը այս արեւին տակ: Ու անհաւատը մէկ կտոր էր իրեն նման, անշուշտ: Հարեւանցի ու արագ, զօրանոցային այս հոգեբանութիւնը զինքը կը հանէր արժէքի, ըմբոստական գործողութեանց պարունակէն, ուր անոր սքողուած, զուսպ վայրագութիւնը, կոտրելու, կտրելու, բայց այդ արարքները հիմնովին պարտկելու փոյթը, զոհերը ոչնչացնելու, հետքերը մաքրելու վճռական հետապնդումը զինքը կ՚ընէին առաքինի, տաղանդաւոր, հայրենասէր զինուորական:

Քսան տարիէ ի վեր, կը ծառայէր փատիշահին, ասպարէզ մտած խորհրդաւոր պարագաներու տակ, իբր կամաւոր, քանի որ միամօր զաւկի իր հանգամանքը զինքը զերծ կ՚ընէր այդ ծառայութենէն: Քստմնելի ոճիր մը, չհաստատուած` բայց չհերքուած ալ, որ կը տարբերէր ընթացիկ պատահարներէն անլուր մանրամասնութիւններով, քանի մը ամսուան համար բանտ ձգեց զինքը: Քսան տարեկան էր անիկա այդ օրերուն, կ՚ամբաստանուէր խողխողած ըլլալուն իր մայրացուն, որուն մեծ կտորը գլուխն էր թողուած, քաղաքիկէն հեռու, աղիւսի փուռի մը առջեւ, մսագործի դանակով, որ մանրեր էր խեղճ կինը, տարօրէն երիտասարդ, գեղանի, ու կը մնար գանկին մէջ մխուած: Ոճիրը վերագրուեցաւ անշուշտ շատ մարդերու` ինչպէս պատճառներու: Զոհին մայրը, անզօր ու ծեր, տուաւ անունը Սիւլէյման պէյին, բայց չտուաւ փաստ, այսինքն` այդ փաստերը ուժի հանող, ամէն փաստերը արժէքի տանող անհրաժեշտ կաշառքը չունենալուն: Ու Սիւլէյման պէյին հայրը, ինքն ալ պէյ ու աւելի արդար, ազատեց իր մէկ հատիկ զաւակը, խղճմտանքը մորթելով ու մեռաւ սիրտին ցաւէն: Յիսունէն վեր այս մարդուն քսանամենի կինը` յանցաւո՞ր: Ի՜նչ խեղճ են մեր բառերը, երբ կը յաւակնին խղճմտանքի տուիքներ տարազել:

Մեր գործը չէ մարդոց բոլորին ալ պատռել թաղանթը իրենց հոգիին: Ինչ որ ալ ըլլան վերագրումները, ստոյգը ան էր, որ անիկա չկրցաւ մնալ իր ծննդավայրը ու մտաւ բանակ: Անոր փափաքն էր ծառայել ամէնէն դառն մարզերուն: Բարձրացո՞ւմ, հեռանկար նպատակնե՞ր: Ո՛վ գիտէ: Եղաւ անիկա Եմէն, ամէն հաւատացեալի նման, քաւութեան պարտքէ՞ն, թէ արեան ծարաւէն հալածական: Տարիներ, մոլեռանդ ու թուրք` անիկա խղդեց, աւազի մէջ ողջ-ողջ թաղելով ապստամբները, որոնք կը հաւատային երդումին ու կ՚ըլլային անձնատուր, խաբուած անոր խարդախ շնորհներէն: Եղած էր Սասուն, քաջութեամբ ու սարսռագին հեշտանքով կարապետելով իր զինուորները դէպի «նապաստակ» ատ լեռնականները, որոնք հաց կտրելու դանակ միայն գիտէին գործածել ու լեռներու ապառաժներով կռիւ կ՚ընէին: Կրետէ, մորթազերծ ընելով թուխ աղջիկները, զանոնք օրերով յանձնելէ ետքը իր մարդոցը լլկումին: Յունաստան, պատերազմի մէջ ցոյց տալով տաղանդաւոր յանդգնութիւն ու աղալով գեղերը, կալի վերածելով անոնց բարի շրջանակները, երբ իյնային բանակի ճամբուն: Եղաւ ասիկա բոլոր անբաղձալի վայրերը, որոնցմէ այնքան խնամքով կը զգուշանան պոլսական գիծէ քաջարի սպաները: Անոր ոսկեդա՜րը: Հայկական սարսափները: Բայց ո՜ր մէկունը: Տէ՜ր: Անոր բնածին չորութիւնը. յաջորդական այս կրակներուն մէջ զարգացաւ ու քարացաւ: Ապառա՛ժ` ան աշխարհը, որով կը մխիթարուին ուրիշները, երբ, արդէն դառն, սղոցուն վիշտին դէմ, որ կեանքինն է, պահուըտիլ կը փորձեն ու կը պաշտպանուին դալար բաներէ, - սիրտէ ու սէրէ, գուրգուրանքէ ու քաղցրութենէ, զգացումներ ասոնք, բայց երբեմն բաւական` մեղմելու ողբերգութիւնը ապրելուն: Ու կրացած էր անոր մէջ աւի՜շը անոր հոգիին, որմէ երանգ ու տարողութիւն կ՚առնեն մեր զգացումները: Իր անգթութիւնը, այնքան դաժան, զարկած, խարանած էր անոր ամբողջ շէնքը: Հակառակ չորս-հինգ անգամ վիրաւոր, պղինձ, արծաթ, ոսկի շքանշաններով պսակաւոր ու տարիքէն ալ կոխուած ըլլալուն` կը մնար, պիտի մնար հարիւրապետ, ինչպէս նախասահմանած էին զինքը, իր ծաղկահար մորթը ու աննշան, խեղճ, մռայլ մարդու վերնադրուագ կնիքը: Եկեր, ծառայեր, անցեր, բարձրացեր էին ան միւսնե՜րը, գեղադէմ տղաք, ինչպէս սա հազարապետը, որոնք իրենց քոյրերը կամ սեփական մարմինները գործածեր էին իբր պատուանդան իրենց ելքին ու գոյաւորեր անոր մէջ անդարման կեղը նախանձի անորակելի այն զգայնութեան, որով ուրիշներու յաջողութիւնը մեզի կը ներկայանայ, ինչպէս մեր միսին մէջ տեղաւորուած ասեղներու կծիկ մը, մշտախայթ ու անզիջող: Իր վրիպանքը անիկա փոխարինել կը կարծէր անշեղ իր խստութեամբը հանդէպ ստորադասներու: Մեթոտիք, իր հասկցած ձեւովը, այսինքն` գործնական աշխատաւոր, անիկա խուլ ուրախութեամբ մը կը յանձնէր ինքզինքը ցեղին առհաւական բնազդներուն, ըլլալու համար հարազատ զաւակը «վաչկատուն աշիրէթէ մը աշխարհակալ ազգ մը ստեղծողներուն», որոնք առանց Եւրոպա տեսած ըլլալու, նախնական գործիքով մը - կացինն էր ատիկա - գրաւած էին կէսը աշխարհի երեք մասերուն, միշտ բազուկով, միշտ ոտքով, երբեք ուղեղով: Անիկա հպարտ էր իր յաջողութեանց տախտակներովը, ինչպէս եղաւ Մեծ սպանդի պահուն ու ետքը անկէ, իրենց թրքութիւնը հարազատօրէն վերագտնող աւելի ականաւոր զաւակները իր ցեղին, որոնք Եւրոպան վտարեցին իրենց հողերէն, ինչպէս խղճմտանքէն ու վարուեցան մեզի հետ երկու-երեք դար առաջուան քաղաքականութեամբ: Այս ամէնը` ներսէն, վասնզի թրքութիւնը բացառիկ վիճակ մըն է, բացառիկ պայմաններու կարօտ, իր աճումին լիութիւնը գտնելու: Կեանքի սովորական ընթացքին, անիկա, միշտ թրքութիւնը, եթէ յիմար մոլեռանդութիւն մը չէ, զանգուածին խղճմտանքներէն եռացող, պետական ու դիւանական կազմածէն սողոսկուն ու նենգ կեղծիք մըն է, խորապէս արեւելեան, չըսելու համար բիւզանդական: Գարագայա Սիւլէյման պէյը խուլ ու անկարող այդ իմաստութիւնը - խորհիլ, որ մարդիկ իրարու քով ապրեցան աւելի քան հարիւր տարի, ամէն օր իրար խաբելով - կը վայլեցընէ՞ր, երբ փոխադրելով իր արհամարհանքը հպատակներէն իր ցեղակիցներուն վրայ, անոնց մէջ հոտն առնելով ոչ-հարազատ տարրին, որ Եւրոպան է հոս, սխալ, կապկուած Եւրոպա մը, կարգապահօրէն, կրաւոր ու անզիջող վերապահութեամբ մը, անգոյ իր հմայքը կը ջանար զգալի ընել սա նորելուկ դպրոցականներուն. սպա՜յ` գուցէ իրենց մօր արգանդէն, ով գիտէ ի՜նչ շքանշանուած, ականակուռ սերմէ ինկած հոն ու քսանի մէջ ոտք դրած այն աստիճաններուն, ուր իրեն պէսները չունէին հասնելիք: Այս վրիպանքը` թունաւորա՛ծ անոր ասպարէզը, օգտակար էր եղած, անոր հոգիին մէջ կայաւորելով մշտական անգթութիւնը, որ կը հաշտուէր անոր մականունին ու զայն արձակ մէյտանի հանած ատենը կ՚ափսոսար երեք հարիւր տարի առաջ աշխարհ չգալուն ու… սուլթան չգալուն: Անոր այդ ցաւը ցաւն էր, է եղե՜ր բոլոր թուրքերուն, սկսած` Օսմանի ուղղակի արիւնէն սերածներէն մինչեւ գնչուի սերմէ սատրազամութիւն բարձրացող նոր նախարարները, որոնք, առանց սուլթան ծնած ըլլալու` տաղանդը ունեցան անոնցմէ մեծ գործելու եւ մաքրեցին իրենց երկիրը օձերէն ու ապերախտներէն: Ողբ չէ, որ կ՚ընեմ: Յիսուն տարին պիտի բաւէ, որպէսզի թուրքերը զգան, թէ ի՛նչ կ՚արժեն մինակնին: …Գարագայա Սիւլէյման պէյը, չարքաշ, դէպի ցամաքութիւն, ժուժկալութիւն հակած չորութեամբ մը, հոգիէն` ինչպէս մարմինէն, վստահութիւն ներշնչող զինուորական մըն էր զօրականներուն, որոնք քաղքենի պէյերն ու փաշաները առանց ճարպի փաթաթին չէին ըմբռներ, անշուշտ այդ իւղի խաւին մէջ դնելով պաշտօնական ամբողջ կողոպուտը, որ զինուորէն կը գողցուէր, արդար, անհերքելի տրամաբանութեամբ մը: Թեթեւ իր մարմինը զինքը կ՚ընէր ընդունակ լեռնային արշաւներու, դժուար մատոյց դիրքերու ու գիտէր խանդավառել իր մարդերը, անձին օրինակովը, անվախ մագլելով, ամէնէն առաջ, անմատչելի նկատուած - զինուորը ամէնէն դիւրին բաները առաջին բխումով կը դատէ անկարելի - գագաթները, ըմբոստներու բոյները, անդադրում, աննուաճ հետապնդումով մը, բռնադատելով ապստամբները, շունչ չտալով անոնց հացի կամ քունի համար, որպէսզի ստիպուին ընդունիլ յուսահատ կռիւը: Հոգեբան էր այս անուս սպան ու եղած էր ատիկա, փորձառաբար: Ապստամը, անվախ ու հարիւր անգամ աւելի արժող պարզ ճակատի մէջ, կը տառապի կամքի, կորովի մթերքէ, երբ կռիւը երկարաձգուի: Անիկա պիտի փախչի կեանքին ահովը ու պիտի փախչի հանգչելու համար, վասնզի անոր ջիղերը յոգնած են, քան անոր քարէ մարմինը: Ո՛վ որ զանոնք հետապնդած ատեն կը կիրարկէ այս օրէնքը, այսինքն` զանոնք կը յոգնեցնէ, երկարելով ճակատումը, հետն ունի յաջողութիւնը: Ասպատակը արդէն բեռ իր կեանքը պիտի ջանայ սուղ ծախել, բայց ծախել ի վերջոյ: Ատկէ զատ հալածողները իրենց հետ ունին ուրիշ պայմաններ: Սիւլէյման պէյը գօտեւորուած էր հզօր զգացումովը իր ուժին, - պետութեան, բանակին հսկայ նպաստը, որմէ կը ջախջախուին, անվրէպ, երկար մարտնչումներէ յետոյ աշխարհի բոլոր հորդաները եւ կը ձգուին իրենց բախտին: Պիտի վարէր քոմիթաճիին - Սողոմը մկրտուած էր արդէն - ձերբակալութիւնը համաձայն իր մեթոտներուն, որոնց արդիւնքը եղած էր այնքան փառաւոր իր պաշտօնակալած գրոհներուն մէջ, արագ, կտրուկ, անողոք, կրակի ու արիւնի մէջ մաքրելով ըմբոստութիւնը, պանծացնելով, իր յաջողակ խեղդումով, առաձիգ իմաստը պետական ճշմարտութիւն որակուած բանին, օսմանցիներուն քաջակորով փառքը, արդարութիւնը, ահն ու պատկառանքը, կարճ` մէրտութիւն ը, զոր չեն հասկնար անհաւատները, թուրքերուն պատմութեան անծանօթ ըլլալնուն: Այս ամէնուն մէջ իր վատնած եռանդը փաստ մըն էր անոր իմացական տուրքերուն նուազութեան: Վասնզի շատ ուշ պիտի հասկնար տարրական օրէնքը, որ կ՚իշխէ մարդոց յարաբերութեանց: Պիտի յաջողին ոչ թէ շատ աշխատողները, սրտով աշխատողները, այլ ատիկա ընել ձեւացողները, այլ ուրիշներու աշխատանքը տաղանդով շահագործողները: Անոր եռանդին առատութիւնն էր պատճառ անոր վրիպանքին, քանի որ կարողութիւնը, արժանիքը քիչ անգամ մեզ կը տանին պատիւի: Ու հակառակ անոր, որ ռոմանթիզմի, անձնական քաջութեան խորապէս սիրահար վեհապետ մը ունէր, անիկա չհասաւ մինչեւ անոր ուշադրութիւնը, վասնզի իր արարքները կը ներկայացուէին փատիշահին միշտ իր պետերուն թուղթերովը, որոնք գործած կ՚ըլլային դիւցազնավայել այդ մարտնչումները ու կ՚արժանանային շքանշան ու իհսանի 6: Ու անոր անգթութիւնը մեկնուեցաւ, իբր տգէտ, մոլեռանդ, վնասակար առաքինութիւն, քանի որ ճկունութիւնը` իտարէի մասլահասթ ը պետական գերագոյն պատգամը հռչակուեցաւ: Հելլէնական պատերազմին մէջ հակառակ իր հերոսական քաջութեան, հին թուրքերու վայել արարքներուն, իր նախճիրներուն հեքիաթովը ծանրաբեռն` անիկա չունեցաւ ցանկալի բարձրացումը, գոնէ հազարապետութեան մինչեւ` գոնէ թապուր ի մը հրամանատարութիւնը, ի՛նք` որ իր վաշտովը ճակատամարտ էր շահած: Զինուորական կրթութիւնը, առանց պատերազմով մը հրազինուած ըլլալու, տխուր, մաշող ժանգ մըն է, որ մեր կարողութիւնները կը բթացնէ, ու մեզ կ՚ընէ տխուր, մեր ձանձրոյթին մէջ խորասոյզ: Անիկա հանդուրժեր էր լքումը ու չտուաւ իր հրաժարականը բանակէն, ընելիք ուրիշ բան չունենալուն: Չէր կարգուած, վասնզի իր գործին բերումով անդադար կը շփուէր սեռին: Չէր սորված արհեստ, վասնզի իր հայրը, հողատէր, մեռած ատենը, անիծեր էր հողը, առանց պատճառը մատչելի ընելու անոր խղճմտանքին: Դեղնախտ ու տկարութիւն, յայտնուած պատերազմէն ետքը, աստիճանական յառաջացումով զինքը առաջնորդեցին Պրուսա, Ջերմուկները: Հոն էր ան, գերման սպաներուն հետեւելու, նմանելու խուլ փառասիրութեամբ: Եղանակի բուժո՜ւմ մը, ինչպէս կարդացեր թէ լսեր էր իր շատ-քիչ պարապուրդներուն մէջ: Կրակին լուրը, քոմիթաճիներուն շշուկները ելեկտրացուցին զինքը: Կամաւո՛ր, ներկայացաւ, զսպումի կամ ձերբակալման գործը ստանձնելով այնքան սրտեռանդն, որ իր հիւանդութիւնը հերքուած էր կարծես: Զինքը ղրկեցին գազա: Լուսաբանուած` կացութեան մասին, շունչը կ՚առնէր գեղ: Անիկա, հազիւ պաշտօնին գլուխը, զգաց իր դիմումին անպատեհութիւնները, վասնզի չէր խորհած Պոլսոյ մօտիկութեան: Գուշակեց այն իրարանցումը, զոր ստեղծելու էր այս «փայլուն» բայց «անվտանգ» խաղարկութիւնը այս կողմի բոլորովին սատկած կեավուրներուն դէմ, գրգռելով պալատին մէջ իրենց տաղանդը արժեւորելու անհամբեր սպաներուն երջանիկ փառասիրութիւնը: «Բոյծի» դրուած այս զինուորականները իրենց եղերը հալելու համար ալ այս «զբօսապտոյտները» իրարմէ կը յափշտակէին, վեհապետին առջեւ ապագայ շնորհներու իբր գրաւական: Անիկա գազան հասնելուն արդէն գտած էր վեհապետէն կարգադրուած, լիազօր քննիչներ: Կը սպասուէր հազարապետ Սիւրէյեա փաշան: Պալատին այս իրարանցումը անիկա դատեց «գործ ստեղծելու» այն ատեն տիրող հոգեբանութեամբ: Ու դատեց աւելին ալ: «Գործ ստեղծելը» իմաստ ու պետական արդարացում մը ունէր, երբ իբր գետին կ՚ընտրուէին Արեւելեան Նահանգները, ուրկէ որեւէ ձեւով պակսող ամէն հայ նպաստ մըն էր պետութեան կողմէ վարուած քաղաքականութեան: Հո՞ս: Պրուսան դուռն էր Պոլսոյ: Զբօսաշրջիկները` անպակաս: Լրտեսները` առատ: Ջարդ` անկարելի: Այն ատե՞ն: Չէր կրնար ընկրկիլ սակայն: Պիտի թողուր, որ գործեն այդ քննիչները, «փափաքնին առնեն», յոգնին ու զզուին, ինչպէս իր երկար փորձառութիւնները սորվեցուցեր էին իրեն: Այս էր պատճառը, որ չէր միջամտած հազարապետին ժամանումէն ասդին: Անիկա աչքերը սեւեռեց իր մոյկին քիթին, առանց կարծիքի ու առանց խօսքի, սպասեց, որ դէպքերը առնեն իրմէ նախագուշակուած գնացք: Գահակալութեան հանդէսներուն կամ Ռամազանի գիշերներուն միայն թնդանօթի ձայն առած այդ պալատական փաշաները կնիկի սիրտ ու մարմին ունենալնուն չափ, տկար ու վախկոտ էին կրակին առջեւ:

Հազարապետին անհետացումէն յետոյ, անցաւ անիկա կրկին իր գործին: Անոր երեւումը զինուորները նորէն խանդավառեց: Անոնք կը ճանչնային մարդը, որ «իրենցմէ» էր:

Անոր առջեւ բերին 14-15 տարեկան աղջիկ մը, Սողոմին քոյրը, բանտարկուած կրակին իսկ օրէն: Այս հարցաքննութիւնը, տարօրէն նուրբ ու թշուառ աղջկան, երրորդ անգամն էր տեղի կ՚ունենար այսպէս հրապարակաւ: Կ՚ընէին այսպէս, աղջիկը վախցնելու դիտումէն աւելի, վայելելու անոր յամառ սարսափը: Կը պահուէր հսկողութեան տակ, կարգադրութեամբը ժանտարմաներու հարիւրապետին, որ իր հոգեբանական հմտութիւնը կ՚ապացուցանէր, կոխելով քրոջը պուկին: Չէ՞ որ նոյն լարէն փրթեր էին քոյրն ու եղբայրը: Ասպատակներուն հետքը գտնելու ամէնէն պարզ ու բնական ճամբան: Աղջիկը տասնապետներու հրահանգով չէր հանուած առաւօտեան քննութեան, վասնզի զինուորները տարբեր դատաստան չունէին պալատական փաշաներուն վրայ: Անոր հեռացումը, հարցաքննութեան մարզէն, անոնք յիմար եղան մեկնում ընդունելու: Յիմա՞ր: Չէին անշուշտ, քանի որ հազարապետները տարին հեղ մը կ՚երեւային զինուորին: Ու կ՚երեւային բարեւ առնելու: Ամէն հազարապետ, քաղաքներու մէջ իր ոսկեզօծ համազգեստը փառքով պտըտցնելու փառաւոր պաշտօնը կատարելով ծառայած կ՚ըլլայ իր հայրենիքին: Ի՞նչ էր անոր գործը սա աղտոտ գեղին մէջ: Պետէն այս կասկածէն դուրս տեսակ մը համ ալ կար կապուած աղջիկը չարչարող տեսարանին մէջ:

Տժգոյն, քանի որ երկու գիշեր կար չէր քնացեր բնաւ, վախէն, յոգնութենէն ու խոշտանգումէն: Քալելու տեղ, կը դանդաղէր, ջանալով խոր-խոր բանալ աչուըները, նման մէկու մը, որ ծանօթ մը, նպաստ մը, կռթնելիք տեղ մը կը փնտռէ: Ո՛չ պաղատող, ոչ ալ վախէն տգեղցած անոր արտայայտութիւնը, զուսպ ու նուրբ անոր դէմքին վրայ, անպատմելի բան էր այդ պահուն: Կապուած էին անոր ձեռքերը, վասնզի օր մը առաջ, համարձակեր էր բռնել ոստիկանի մը մտրակը ու այդ լրբութեան համար ծեծուած` նուաղ իյնալու աստիճան: Ձերբակալութեանց սկսած րոպէին, այս խստութիւնը, գործադրուած անտիական աղջկան մը, դաս մըն էր արդա՜ր, գերմանական, որ ապահովութեան տակ կ՚առնէր զինուորին կեանքը սա փողոցամէջ ճակատամարտներո՜ւն ընթացքին:

Անիկա կը թուէր ծեր, թոռմած, ու դիմագիծերուն զգայուն նրբութեանը հակառակ, մարած` ներսէն, վարէն, «հոգուն սեղանէն», այնքան իր շարժելու անտրամադրութիւնը կը կտրէր անոր մէջ թարմ թրթիռը պատանութեան: Արցունքին աղը խարզած էր անոր մորթը:

Այտերը` վերածուեր ճմռուած ու կոխոտուած կտաւի մը: Ու կապտորակ բիծեր, բազմաձեւ ու առատ, կը ծածկէին վիզին բաց մասերը, քունքերուն ու ճակտին միացման դաշտիկը: Անիկա չէր նայեր դահիճներուն, ով գիտէ ի՛նչ զգայութիւններէ հերկուած:

Ամէն առտու, այս երրորդն էր, անիկա կը հանուէր ժամուն բանտէն, որ դասական քարայրն էր հաճի Արթինին, գինովներու զգաստարան եւ որ հիմա փոխուեր էր մառանի, ուր կը պահուէին հին ու կոտրած խաչերը, պղինձ կանթեղները, մաս եփելու փայտերը ու տակաւին ուրիշ սուրբ հնութիւններ: Ամէն տղայ սարսափով աչք ունէր անոր միակ պատուհանէն ներս, տեսնել չուզելով զոյգ ճաղերը, դագաղներ, որոնք, մեծ ու պզտիկ, ինչպէս են մարդերը կեանքին մէջ, մեռելները գերեզման փոխադրելէ յետոյ, կը հանգչէին այդ մութ զովութեան մէջ յաջորդ առտուան համար ով գիտէ ո՛ր դուռին առջեւ ցցուելու ու մուխ մարելու: Հոն էր դրուած աղջիկը, կարգադրութեամբը ոստիկանութեան հարիւրապետին, որ անոր մայրը կեդրոն ղրկելու ատեն դժուարութիւն էր տեսեր «վայրագ» այս աղջիկէն ու չարչարելու գուցէ աւելի սեւ հաճոյքներու համար կ՚ենթարկէր զայն սա խոշտանգումին: Անկէ կը պահանջէին տեղը, թաքստոցը իր եղբօրը:

Տարածութիւնը, որ սօսեւոր սրճարանը կը բաժնէր եկեղեցիէն ու դագաղատունէն, քանի մը հարիւր քայլի վրայ, գրաւուած էր պզտիկներով, է՛ն մեծը հազիւ վեր տասնէն, որոնք ոստիկաններու անցքին, հեղ մը-երկուք ետ-ետ կը հրէին իրենց կակուղ պատերը, բայց կը թափուէին նախկին կեցուածքին, անկարող ըլլալով լքել դժնդակ տեսարանը: Հոն էր իւրաքանչիւրը, ամէն օր, գրեթէ նոյն տեղը, նոյն շարքով, տրորուած անհաս նոյն ցաւէն, տարօրէն թրթռուն, այդքան քիչ, փոքր, իրենց հոգիներուն խորը: Վախնալով բարձրանալ, իրենց տոտիկներուն վրայ, անոնք աչքերով կը ջանային թափանցել խանութներուն գիծը: Հետապնդելով մեկնող, դարձող ոստիկաններէն ստեղծուած միջոցի կտորները, որոնել ու սեւեռելու համար կարճուկ այդ պահուն աղբարիկը, քեռին, դրացին, մենծիկ-պապը, որոնցմէ մէկին համար ղրկուած էին հոն իրենց մեծերէն ու կը կոտրտէին իրարու կողերը իրենց աղմուկներով, իրենց, սեփական աչուըներով «տեսնելու», ինչպէս որ պատուիրած էր, մարդը` որ կապուած էր ներսը: Սրտառո՛ւչ, այդքան կ՚ըլլայ, բացբերաններու, վախէն դողդոջ, բայց սիրով սլաքուած, սա ակնարկներուն բացխփումը, դալուկ ու արտօսրագիծ այտերու վերեւ, թարթիչներու թեթեւ ճուռպին ընդմէջէն: Թուրքերը կը տեսնէի՞ն: Թուրք պէտք է ըլլալ, տալ կարենալու համար ճիշդ պատասխան մը հարցումին, բայց ո՛չ մեզի ծանօթ, դասական բարբարոսը, որ նորոյթէ ինկած է հիմա, ոչ ալ` փաթթոցաւոր, հին օրերու մոլեռանդը, որ մորթելով բարիք կ՚ընէ մորթուողին, անոր ապահովելով գէթ երկնային հայրենիք մը, երկրին վրայ զլացուած իր անխելքութեանը երեսէն, այլ` Եւրոպա ըրած, համազգեստաւոր, անգտանելի (ուրիշ ժողովուրդի մէջ) այն արարածը, որ արդարութիւնը կը գործադրէ, ու կը գործադրէ ահաւոր խաղաղութեամբ, սկսած պահուն` արարքին գիտակ, հետզհետէ մոռնալով ինքզինքը ու աւարտած ատեն, հաւատալով: Ի՜նչ զգացումի կը հպատակէին, աւելի վերջը, 915 ին, այն ատեանները, որոնք անմեղները դատապարտելու սա անլուր ձեւը գտած էին: Ու, փոխանակ շիտկէ շիտակ, իրենց ցեղին ցուցմունքին տակ ջարդի մտնելու, բնազդական իրենց արդարութի՜ւնը դրին իրենց ու զոհերուն մէջտեղ թուղթ, որոշում, կնիք, վճիռ, դատարան, լրագիր, կախաղան, գերման վկաներ: Բայց այդ մասին աւելի ուշ, ու հարիւրաւոր էջերով: Մոռնալու չէ միւս կողմէ այդ օրերու ուրիշ մէկ հոգեբանութիւնը, որուն հպատակելով թուրքը պիտի մորթէ հայրը, բայց խնայէ զաւկին, երբ ասոր տարիքը չ՚անցնիր եօթնէն: «Եօթնէն եօթանասուն»ը խորհրդաւոր թիւ է, գուցէ տարա՜զը` անոնց սրբազան պատերազմներուն, որ վերածուեցաւ ուրիշ կաղապարի: «Եօթնէն եօթանասուն», ինչպէս բանաձեւած, տարածած, պահանջած ու գործադրած էին 95-96-ի ջարդերուն, զոհին տարիքը ճշդող բազմահազար հրամաններով:

Կեցաւ աղջիկը հարիւրապետին առջեւ:

Առանց արցունքի:

Առանց վախի՞:

-Գուցէ:

Ուժգին զգայութիւններ, համապատասխան արագութեամբ կը յոգնեցնեն, կը մաշեցնեն մեր զգայարանքները: Կու գայ պահը, երբ կը դադրին ալ գործելէ, վերածելով մեր մարմինը քամուած պարկի կամ վարշամակի: Ջիղը բարակ է կ՚ըսեն, բայց չեն ըսեր այդ բարակութեան տարողութիւնը: Ո՞ւր, ինչո՞ւ փրթած է անիկա: Կեանքի սովորական հանդէսին մէջ տեւողութիւնը ու յուզումին հոսանքը զայն կը փտեցնեն: Ամէն օր նախանձէն ինքզինքը ուտող սիրտ մը կը մոխրանայ կամ կը պայթի: Սիրոյ ոճիրները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ հաստատումը այս վարկածներուն: Հո՞ս: Այսինքն` սա գերագոյն տագնապի ընթացքի՞ն: Երեք օր լացող աչքերը ո՛չ միայն կը ցամքին, այլեւ կը մոռնան նաեւ ոչ-լացի իրենց վիճակը անգամ: Անիկա կը թուէր կենալ ուրիշ, վեր, օտար հողին վրայ: Ձեզի տրուած է տեսնել մեռելէն ալ վեր վիճակը մարդուն, որ կրցած է պարպել ինքզինքը իր հոգիէն, բացարձակ պարպումով: Չէ ատիկա դիակին լիրբ անզգածութիւնը, որ կը վիրաւորէ իր երջանկութեա՞մբը, թէ մեր հասողութենէն իր զերծութեամբը, ոչ ալ խորունկ առքի մը հրայրքին մէջ մենէ վեր միամտութեան մը սրտառուչ տեսիլքը: Անոնք` որ գլուխնին երկնցուցին թուրքին դանակին, կամ ապառաժին բաց փորին, կամ ալիքներուն հաստ թեւերուն, դուրս, վեր էին ցաւէն: Այդ վիճակները նոր չեն մեր պատմութեան մէջ: Վի՞շտը, յուզո՞ւմը, զայրո՞յթը կը պաշտպանէին անտիական աղջիկը, սա եռօրեայ տանջանքին հետքն անգամ հեռու ընելով անձէն, ինչպէս հերքելով, անկարելի ընծայելով վատ այն կորանքը, որմէ այնքան հաճոյք, հպարտութիւն, գերազանցութիւն գիտեն հանել թուրքերը: Անոնց տեսաբաննե՜րը: Անոնց հրապարակագիրնե՜րը: Անոնց գիտուննե՜րն ու գրագէտնե՜րը: Որոնք պուտ մը արդար զգացումէ չայցուեցան, երբ մորթելու մոլուցքէն յետոյ եղան մինակ իրենց խղճմտանքին հետ: Չեմ խօսիր զանգուածէն: Ամէն ջարդէ ետք, անոնք ապտէսթ 7 կ՚առնէին, խմբական, պարզ, խորապէս կրօնաւոր, պարտքէն վեր բան մը կատարողներու գոհունակութեամբ, որ մեծ միսթիքներու կեանքին մէջ կը դիտուի ու զանոնք արժանի կը կեցնէ հասարակաց օրէնքներէն: Անոնք այդ զոհողութեանց գնովն է, որ պիտի տեսնեն իրենց ցանկութեան մտապատկերները, պիտի լսեն իրենց աստուածը: Մե՜ղք, որ մեր գրականութիւնը թուրքերը զետեղած ըլլայ առաւելապէս անգթութեան պարունակին մէջ ու չզբաղի այս կարգի վիճակներով, որոնք անլուր, հեշտագին խորութեանց կը հասնին իր մօտ: Մորթելը միշտ անգթութիւն չի նշանակեր: Կը նշանակէ դանդաղիլ, բրտանալ ուրիշին վախին, ուրիշին զգայութեանց անտես, բայց իմանալի հեղանուտին մէջ, պահ մը աստուածանալ, առանց պատիժի: Անշուշտ, երբ վերլուծումը խորացուէր, վիճակը պիտի երթար նոյնանալու բզկտող անասունին վայրագութեանը: Բայց, Արեւելքի մէջ, մարդիկ այնքան շատ կը յեղյեղեն Աստուածը, որ օր մը գոնէ զայն ըլլալու իրենց երազին մէջ կ՚աղուորնան ա՛լ: Թուրքերը մեր Աստըծուն իրենց հայհոյութեանցը մէջ չվարանեցան մեզի պոռալու իրենց «աստուածութիւնը», որով տէրն էին մեր օրերուն: Աչքի առջեւ բերէք գազանը, որ տասնհինգամեայ աղջիկ մը պիտի մորթէ ու ատոր համար իր խղճմտանքը կը յարդարէ, կրօնական պարտականութեանց անթերի վճարումով մը կանխելով հոգեհատոյց արարքը: Ուրիշ ժողովուրդներ իրենց վայրագութիւնները սանձահարող կազմակերպութիւններ, կարգապահութիւններ ստեղծած են, որոնց միջամտումը շատ բան կը փոխէ սպանդին ալիքներէն: Թուրքերը իրենց ռազմադուլերը գործածեցին իրենց զգայարանքներուն պարարումին ու ատոր հասնելու համար, խաղաղութեան ատեն ալ պատերազմի վիճակ մը տեւական ըրին իրենց նուաճած ժողովուրդներու սիրտին: Վայելքը երբ հողին յոգնութեամբը չբարեխառնուի` հում միս է ու արիւն, հետեւաբար մեզ կ՚ընէ գազան: Ի՞նչ է զբաղումը անոնց, որոնք թուրք բանակին ողնասիւնը եղան, տակաւին հիմա, լատին այբուբենքէն ետքը: Արուեստ, գաղթային նուաճումներ, անոնց օգտագործումը, շահաստաններու խայծ ու օտարութեան վրայ երկարաձգուած նոր հայրենիքներ ուրիշ ժողովուրդները կը զատեն գազանային թանձրութենէն: Միայն ու միայն վայելքի համար, ան ալ ծանօթ երակով, ազգի մը հոգին, երբ կը յարդարուի, մօտ է զառածումը, այլասերումը: Երբ պարտութիւնը կոխեց անոնց պորտին, եղան անարի ու լղար` իբր թէ զուր ըլլային յաղթանակի քանի մը դարերը, եւ չեղած` քաղաքակրթութիւնը, որ անոնցմէ գրաւուած երկիրները ըրեր էր գողտր ու անուշիկ երեւոյթներ, դարերու աստիճանացոյցին վրայ: Անհոգի՜ ժողովուրդ: Աւելի ճիշդը` մէկ ոգիով ժողովուրդ: Մինչ ցեղերը, դարէ դար, կը ձգտին իրենց ձգել անասունը, գազանը, թուրքը, հակասելով օրէնքին, կը դառնայ նախնիքներուն խստութեան: Բառեր ու օդային քլիշէներ չեն ասոնք, այլ` դառն ճշմարտութիւններ, որոնք տխուր բախտը ունին թուրքերէն ուրացուելու: Մօտաւորապէս կէս դար, թուրքերու վարչութիւնը հայկական հալածանքը տարաւ անհուն վայելչութեամբ, բնականութեամբ: Հարստահարումը անոնց մօտ յարդարանք, կամ պետական թելադրանք չէ, այլ` արգանդային իրականութիւն: Եթէ տասնիններոդ դարուն անոնք պալատներ շինեցին ու Վոսփորի եզերքներուն վրայ կիսերանգ մշակոյթ մը ջանացին արժեւորել, միւս կողմէ` չմոռցան հաւատարիմ մնալ իրենց նախնիքներուն, անոնց արեան բաղնիքներուն հոծութեան, ու անտեղիտալի յաճախումով մը` մշտագոյ ըրին իրենց անդրագոյն տէրերուն հոգեվիճակը: Հոդ, վայելքէն վեր է իրենց յաջողութիւնը: 915ին անոնց ծերերն անգամ քաղցրացան մեզի պարտադրուած վայրագութեանց հանդէսով: Ամբողջ հոգեբանութիւն մը վրիպած է մերիններուն սեւեռումէն: Թուրքերը հաստ ու գռեհիկ են, երբ կը պատժեն: Անոնք անլուր հաստութեամբ նրբութիւններու կը տանին իրենց խղճմտանքները, երբ կը դատեն:

-Ո՞ւր է:

-Չեմ գիտեր:

Ինչպէս վարժուած էր պատասխանել երկու օրէ ի վեր, կանխապէս սեղմելով ակռաները, հաւանական հարուածին իբր պատասխան:

Չգիտցա՞ծը:

Բայց թաքստոցը իր եղբո՜րը:

-Չե՞ս գիտեր:

Անիկա ելած էր ոտքի:

Բացառիկ, բարբարոս հաճո՜յքը, որ կ՚ամչնար ինքիրմէ ու ինքզինքը ծածկելու համար անոր ակռաները մինչեւ կը հանէր յուզումի: Վայրագութիւնը բնութիւն է մենէ շատին: Հաճո՜յքը սա աղջիկը իր բերնով իսկ իր եղբայրը մատնել հարկադրելու: Արիւնռուշտ իր ասպարէզը անոր հայթայթած էր եղերական այդ առիթները, որոնց ընթացքին, իր ահովը, հրամայած խստութիւններուն հրէշային սարիքովը` անիկա շահած էր արդարացումը իր մականունին, հպարտութեամբ եւ արդարութեամբ: Ամբաստանեալներուն միսերը անիկա բզիկ-բզիկ կը բերէր, ջիղերու ահաւոր ամրութեամբ մը հանդուրժելով չարչարանքին տեսարանը, ուղղելով զապթիէներու մատները տանջանքի գործիքներուն վրայ, ապտակելով անոնց անգոյ թուլացումը իրենց պարտականութենէն: Անիկա չէր յոգներ լացէն ու չէր նեղուեր աղաչանքէն, ամէն թուրքի նման դիտելով հանդարտ աղերսանքը զոհերուն բերնէն ու խորհելով անխուսափելի վերջաբանին: Շաբաթով կ՚արգիլէր անիկա բանտարկեալը քունէ, նստելէ, ուտելէ, արտօնելով ջուրը, սուրճը, ծուխը, իրենց յատուկ անհասկնալի դաժանութեամբ: Այս նկատումներուն գնով անոր յաջողուած էր խլել խոստովանութիւններ սա տարիքներէն ու սա սեռէն: 96ի աղէտը մեր ցեղային հոգեկանութեան մէջ գոյաւորուած լայն փեռեկումովը խախտեց մեր բարոյականին ալ ամրութիւնը: Թուրքերը մեզի հասցուցին անդարման քայքայում, մա՛նաւանդ այդ մարզէն: Եղանք ատեցող մեր թշնամին, բայց անկէ աւելի մենք մեզ, զիրար: Աւելցուցէք դարերուն ալ դիրտը, մեր պատմութեան` մեզի շինած աւերակոյտին, հոգեբորբոսի դէզերը: Ու դուք պիտի հասկնաք, թուրքին հետապնդած վայե՜լքը, մեր իսկ անկումովը պայմանաւոր: Ի՜նչ անխառն լրբութեամբ անոնք մեր մատնիչները լքեցին մեր իսկ պատուհասումին, անոնցմէ ստանալէ յետոյ իրենց տալիքը: Ոչ մէկ ազգ, նոր ժամանակներու մէջ, ծնունդ չէ տուած այնքան առատ դաւաճաններու, այնքան ալ դիւրաւ: Սա մատ մը աղջի՞կը, որ պիտի դիմանար «եփած» հարիւրապետին…

Բայց ահա, նոյն վարագոյրը, երկրորդ անգամ, որ իջաւ հարիւրապետին աչքերուն: Եղաւ անիկա հեռու, ետ` չորս-հինգ տարիով: Եղաւ` քաղաքիկի մը մէջ, Արեւելեան Նահանգներէն ջարդի օր մը փակող գիշերին: Քովն էր անոր, սա դէմի աղջկան տարիքէն, ուրիշ մը, ասոր պէս ճիտը ծուռ, «կուղպ» ու անհայեաց: Ու անոր մորթին վրայ, ուլունք-ուլունք ըսես շարուեցան այդ անցեալին զգայութիւնները այնքան յստակ, որ մարմինը անցաւ նման յուզումներէ: Ի՜նչ հաճոյքով անիկա աւարտած էր սրբազան «գործը», առանց քիթը արիւնելու իր զինուորներուն, ու մաքրեր շուկան, ճերմակ շէնքերով: Ու ի՜նչ քաղցր տրամադրութեամբ ելեր էր զօրանոցի իր սենեակը, ճաշէն յետոյ, վար դրուած աղջիկը ուտելու: Անոր մէջ շինուեցաւ ամօթախառն հեզութիւնը, զոր աղջկան լռութիւնը, կարծր կուրութիւնը, իր սպառնալիքին դէմ անխառն կեցուածքը ստեղծեր էին անոր կուշտ զգայարանքներուն: Մեր յիշատակները նրբութեան մէջ երբեմն կը պայծառանան, երբ ներկայէ մը արձագանգուին: Անշուշտ աւելի գեղեցիկ էր անիկա, աւելի բաց` մորթին ու մարմինին ուրիշ շնորհներէն: Հարուստի մը տունէն վերցուած` անիկա կը կրէր իր վրայ մեր ժողովուրդին փափկութիւնը, զոր ծովեզերքը կը դիզէ մեծ արագութեամբ: Անշուշտ, այդ մօտիկ անցեալին մէջ, Գարագայա Սիւլէյման պէյը գաղտնիք չէր ուզեր այդ աղջիկէն: Ու… անիկա զարմանքով հետեւեր էր, խլուրդի նման ջնջուած, սուտ այդ արարածին, երբ անիկա առեր էր լրագիրով բեռնաւոր սեղանէն դաշոյն մը, կարմիր` բերնէն ու կոթէն, ու մխեր փորին, առանց բրդուճ մը ձայնի, լեզուակը ինկեր էր դուրս, թռցուած ատամներէն: Ինչպէ՜ս, աչքին տակ, այդ արագ կործանումը խռոված էր զինքը, աչքէն արցունք բերելու չափ: …Տարին անոր նայուածքին դաշտէն այդ տեսիլը: Ասդին` ամբոխը, տակաւ մօտ, իրաւ: Գոցեցին անոր նայուածքին դաշտը նորէն: Հոն էր իր զօրանոցի սենեակը: Ու իր հրամանն էր վեր հանել բանտէն ուրիշ եօթը աղջիկ, բոլորը մէկ, շռայլ ըլլալուն նեղուած քիչ մը, քանի որ շաբաթուան մը պահեստը վճռեր էր սպառել: Անոր փորձառութի՜ւնը, Ջարդին յաջորդ վերադարձներու մասին: Փատիշահին հրամանը, որ իրենց տուները կը վանէր հաւատացեալներու մօտ «մարդասիրաբար» ապաստանած չափահաս աղջիկները: Պատկերներու սա հոսո՜ւմը, երբ ո՛չ հրաման եւ ոչ ջարդ ծրագրուած էին դեռ: Անոր ուղեղը կը դադրէր գործելէ անոր մէջ: Հիմա՛, ազա՜տ այն աշխարհը, այդ Գերմանիա ըրած զինուորականին մէջ: Ա՛յն աշխարհը, զոր ռոմանթիզմով պարզելու, հասկնալու մեր միամտութեան մէջ որակած են այնքան անխելք վերադիրներով: Ածականներ հնարած ենք ու գրականութիւն, դիւցազներգութիւն հանած գետինէ մը, ուր մարդ-անասունին ամէնէն գռեհիկ մասը կը տիրապետէ: Թուրքերը ջարդած են, վասնզի դեռ մօտն են իրենց տափաստաններուն, որոնց արիւնախառն ու սերմնագէջ միազման դեռ չէ աւլուած անոնց հոգիներէն: Անիկա շատ աւելի յստակ էր մեր մօտաւոր նախնիքներուն, որոնք, տխուր կրօնքի մը երկնանուէր իրազանցութեանց քաջավարժ գործիքներով - յիմար իրենց ուղեղներովը - չափել, դասել յաւակնած են անապատի մը կենդանին, զայն չկրնալ ըմբռնելու ձախողանքը լուծել կարծելով, մեր իսկ մեղքերուն պատուհասման խղճագիտութիւնը հնարելով «ի խաղաղեցումն գայթակղեալ մտաց», մե՜նք, շէնի, բարութեան, զուսպ վայելքին ու անիրական բաներով թրթռման ժողովուրդ, որ լեռներուն լաւագոյն կայքերը յատկացուցած է իր երազին պաշտամունքին ու վանքերով, եկեղեցիներով, մատուռներով ծաղկեւորած է ընդարձակ ամայութիւններ, ու վարսուած է անոնց ապալերներուն, մարդուն կնիքը դրոշմելով անոնց ժանիքին եւ ժանեակներուն: Քաղաքակրթութիւնը քաղաքէն դուրս արձակուիլն է ժողովուրդի մը հոգիին: Գիւղը սանդուխին ամէնէն ստորին աչքն է: Բերդը` ուժի րոպէ մը: Վանք մը, լեռներու սիրտին, մենաւոր կամ պզտիկ շրջափակով մը տուներու, իսկական առքն է այդ ժողովուրդին հոգիին: Ու կ՚ենթադրէ մարդեր, որոնք վեր են մահէն ու կեանքէն, այսինքն` ժողովուրդ մը կանգուն պահող սրբազան շաղախներ: Ո՞ւր է թուրքերուն ելոյթը այդ ուղղութեամբ: Անոնք չհասկցան մեր վանքերը ու արտօնեցին անոնց գերութիւնը, առանց կասկածելու, որ մեծ գերեզմանները չեն մեռնիր: Հիմա կ՚ըսեն, թէ մեր երկրէն ջնջած են մեր մեռելները: Հիմա թուրքը իմաստուն է դարձած: Աւելի՛ն, մենք մեր դուռները բաց ենք պահած վտանգի պահուն, բոլոր թուրքերուն ու պատսպարած բորենիները, որոնք մեր արիւնին ընտրելագոյն ծաղիկները պիտի ապշոպէին, նախարարական բերաններով, մահէն ազատուելէ յետոյ, իրենց ապագայ զոհերուն ձեռքովը: Մենք չենք ճանչնար թուրքը, գուցէ քիչ մը շատ գիտնալնուս: Այսինքն` Արեւմուտքի մէջ մեր ուսումը ըրած ըլլալնուս: Խօսքը չեմ ըներ այն միւսներուն, օտարներ, որոնք թուրքը տեսած ու տուած են այլապէս գեղեցիկ ու շնորհաշատ: Չեմ եղիր հիմա, իր տեղին ու ատենին` երկարօրէն ծանրանալու համար այն հոգեվիճակին, որով արեւմտեան մշակոյթին կարգ մը յատկանշական ներկայացուցիչները տեսան մեր նահատակութիւնը, անշուշտ ոչ թուրքին հեշտանքովը, այլ անկէ աւելի վատ խաղաղութեամբ մը, - գեղարուեստական այլուրութեամբ: Կը բաւականանամ դիտել տալով, որ, դուրսէն, հանդիսականներ, կատարուածին անպարագիրկ զարտուղութիւնը տեղաւորելու համար Արեւմուտքի ուղեղներուն մէջ, խորհին պիտի գուցէ մե՜ծ-մե՜ծ առաքինութիւններու: Հասկնալի է, որ երբեմն յաղթանակ մը ըլլայ իր անձին վրայ ինքզինքը սպաննելը: Հասկնալի է տակաւին` զոհաբերումը, հաւաքական նպատակներու շուրջ, որոնց տարողութիւնը պարզ է բոլորին: Ազատուած ժողովուրդներ, վտանգի պահուն, հաւաքական խղճազարկի մը ներքեւ տրոփուն, պիտի չվարանին թափել իրենց արիւնը գոյ փառքին համար իրենց հայրենիքին: Բայց ուրիշ է պարագան, երբ խումբ մը մարդեր, ամէնէն դժխեմ պայմաններուն օղակովը կապկպուած. փորձեն յիմարութիւնը ու մեռնին, բաց աչքերով, երբ իրենց նայուածքին առջեւ կը սառի արիւնը իրենց ժողովուրդին: Հերոսնե՜րը: Անշո՛ւշտ: Բայց աւելի ուրիշ է պարագան, երբ տասնհինգամեայ աղջնակ մը, որուն միսերը դեռ ձայն չեն առներ հողէն ու սերմէն, պատրանքի մը հեռանկարին յամառի զոհել ինքզինքը ու պատռէ փորը, չանցնելու համար թուրքին: Ասիկա, ես կը դնեմ վեր` բոլոր սուրբերէն:

Հարիւրապե՞տը, խուժումին տակը այս պատկերներուն:

Անասունին վրայ, քիչ բան ունի այնքան ձգողութիւն, որքան արիւնը: Պարզ է ասիկա, ջարդին տենդին մէջ, երբ կացինը քառակուսուած ուժով մը կը գործէ ու չկասկածուած պահեստներ կը ճարէ մեր ջիղերէն: Հոգեբանութիւնը վարակիչ յուզումներու գլուխ մը յատկացուցած է: Թուրքերը յաւելումներ կարող են ընել այդ հետաքրքիր գլուխին մէջ: Քիչ բան այնքան ձգողութիւն ունի հանգչած արուին վրայ, որքան արիւնը, որ, իր ամանէն դեռ չհոսած, սեռ է առաւելապէս: Ու ինծի տրուած է մտիկ ընել զգայութիւններ, որոնք հոգեբանական անհունութիւններ կը պատմեն: Սպացուներ ու սպաներ էին ասոնք, որոնք կը խօսէին մանուկ մորթելուն անհամ ու քիչ մըն ալ սրտառուչ տրտմութենէն: Իրենց ձեռքերը կը նեղուէին այդ թուլիկ միսերէն, որոնք գառնուկի մը ապազգայութիւնը կը զարթուցանեն: Մինչ` ուրիշ է պարագան մեծերու հետ…

Գեղը կ՚այցուէր նոր հասնող զինուորներէ:

Տեսան հարիւրապետը, որ մատները անցուց նայուածքին առջեւէն…: Իր արիւնին մէջ ինքզինքը խղդած հեռաւոր աղջկան դէմքը հանգչէր էր իր խռովքէն: Անոր փակ աչքերուն տեղը բան մը կը թրթռար: Ու մեղմ թափահարող ոտքերը կը թուէին վանել թանձր թրքութիւնը սա մղձաւանջին: Այն ատեն ալ, ինչպէս հիմա, հարիւրապետը վեր էր մարդոց միջինէն: Վեր` իր զինուորներէն, որոնք, հաստ աւարին ուշադիր` կիները սպաններ էին, հաճոյքէ աւելի սպաննելու համար: Վեր` քաղաքիկին պատուական պաշտօնակալներէն, որոնք կողոպուտին ձեռք չէին երկարած, բայց կիները բաշխած օրինական պայմաններով, կրօնքի արտօնած խաղաղութեամբ շքաւորելու իրենց երկիւղած հոգին: Այն ատեն ալ, ինչպէս հիմա, հարիւրապետը վեր էր մորթողներու հաշիւներէն: - Ո՞ւր, ուրեմն: Հարցուցէք անո՛նց, որ պատմուճանուած կը մորթեն: Ու չեղաւ անոր մէջ, գուցէ անժամանակ ըլլալուն, անգթութիւնը ուժին: Տրտո՞ւմ: Ու սեռի՞նը: Այն ատե՜ն ալ, ինչպէս հիմա: Ինչպէս իրարու ետեւէ, ճիտերուն իրարու վրայ դնել տալով, հրամայեր էր գլխատել եօթը աղջիկները, առանց անոնց թելին դպելու: Ու պահած ութերորդը, զոր կը յօշոտէր իր անկողնին մէջ, ակռաներովը, սկսելէն ծիծին պտուկներէն:

-Չես գիտեր, հա՜…

Կարծես օտար մէկն ըլլար խօսողը: Այսքան ո՞ւշ:

-Հարկա՜ւ:

Մարդ խղճմտանքին հաշիւ տալու համար չի կապուիր տեւողութեան սարիքովը: Թուրքը ամբողջ ապրող անասունն է, ու ինքզինքը չկրնալ սանձելը` նախնականութեան յայտարար ըլլալուն չափ, ուժի աղբիւր մըն է անհատին ներսը: Ուրիշները խղդելու համար, պէտք է շատ ըլլալ անոնցմէ: Թիւը միութիւն է, բայց ոչ միշտ: Հոգին կը յորդի առանց միութենէն կոտրելու:

Ու եզնավարոց, բայց գիտուն, հնդիկ թմրումներով պողպատի պէս առաձիգ անոր մտրակը փակաւ անտիական աղջիկին երեսին:

Ոչ մէկ բան կը պատրաստէր այս հարուածը` ճակտէ, աչքէ, ուսերէ: Ինչո՞ւ կը ծեծէր: Չհարցուց սակայն ուրիշին, ինչպէս իրեն:

Կիները` մեծ մասով վեր յիսունէն, խիտ պատ էին քաշեր, սրճարանի բացօքը: Անոնք ոստիկաններու, ռէժիի դէտերու վրայ, իրենց անցեալ յարձակումները, բարձրաձայն կը պատմէին իրարու: Ի՞նչ կ՚ուզէր սեւ սիրտ Յուդան սա մատ մը արդարէն:

Մտրակին հետքը գծուեցաւ յանկարծակի, ձայնին հետ: Տեսակ մը մերկ շառաչ, ինչպէս կը հնչէ տղու մը ձեռքէն չուանեայ խարազանը, հոլի մը մարմինին: Աղջի՞կը:

Պահեց ինքզինքը ուղիղ ու հանդարտ:

Բայց արձագա՞նգը մտրակին:

Փոքրերն` ինչպէս մեծերը զգացին ատիկա:

-Կոտրտի՜ս…

Գրեթէ բարձրաձա՜յն, չկրցաւ չըսել մօտի պառաւ մը, որ արիւնէ օձը տեսեր էր աղջկան երեսին: Յանդգնութի՞ւն: - Մեռնիլը աչք էր առեր, ինչպէս պիտի հասկցնէր աւելի ետքը, իր թաղին ծերերուն, դրուագը պատմած ատեն:

-Չորնա՛ս…, - աւելցուց ուրիշ մը:

- Միւճիւրիւմ 8 մնաս - երրորդեց անդին մէկն ալ:

Ու ձայները ելած էին ուժի:

Ու յուզումը, ուժ առած ձայնէն, ակնթարթի մէջ, անցաւ մէկ սիրտէն միւսը: Կիներուն պատը շարժեցաւ: Հին օրերուն յո՞ւշքն էր, որ կ՚արթննար, երբ այդպէս մէկ կտոր կործած 9 էին զապթիէներուն վրայ, պատը քալեց առաջ: Կատաղի, սուր, բզկտող աղաղակ մը կը լուսաւորէր այդ մռայլ գրոհը: Գլուխները` ցի՛ց: Հասաւ անիկա ոստիկաններու գիծին, զոր քրքրեց անհաւատալի արագութեամբ:

-Կրա՛կ, - պոռաց հարիւրապեը:

Աչքերը գոց, պարպեր էր անիկա ատրճանակը:

Խուլ ճուոց մը: Սառած` կանգ առաւ պատը:

Ու կիները իրարու ուսերու վրայ կը փնտռէին գնդակները ու չէին գտներ:

Ոստիկանները ատեն չունեցան կրակի դիմելու: Հազարապետը կու գար: Գոնէ այդպէս կ՚ըսէին բացէն ձայները:

Անոր ժամանումը յուզումը շրջեց իր գագաթումէն: Մարդկային հոգին ո՛չ կազ է, ոչ ալ հեղուկ, որպէսզի ենթարկուի մեր բնախօսութեան: Ամէնէն ամուր ճնշումէ հրուած թափն ալ կը կոտրի մէջքէն ու չես գիտեր ինչով: Ոճրագործին դանակը կը յարգէ այս անհաս օրէնսդրութիւնը եւ կ՚անցնի զոհին վրայէն, չգիտնալով ինչուն, ուրիշի մը վրայ իջնելու: Ջարդերու ատեն այս շեղումները հաստատուած փաստեր են: Ու աժան աշխատութիւն է տարազի բարձրանալ, այս խուսափուկ ստուգումներով: Եթէ ճիշդ է անհուն իմաստութիւնը` աւազի հատիկին, ճիշդ է նոյն չափով մեր անհուն անգիտութիւնը հոգին վարող միւս ուժերէն, որոնք չեն ճանչցուիր, կասկածուիր անգամ, բայց կը բուսնին մենէ անկախ ու մեզ կ՚ընեն հերոս ու թշուառական դասալիք:

Հազարապե՛տը:

Ուրկէ՞ կու գար: Ինչո՞ւ կու գար:

Պաղարիւն` կեցուց կիներուն դղրդումը, իր անցքին: Ո՛չ վախ, ոչ ալ բարկութիւն: Բայց երբեք` լաւատես ալ բարութի՜ւնը, որ ուժին շնորհն է, ճառագայթումն է, իր շրջանակին: Այդպէս կը տեսնէին, տեսած էին այդ կիները իրենց «մարդերը», երբ կը դառնային ասոնք գողերուն դէմ գրոհէն ու կը մեղմանային գոնէ նայուածքէ:

Հազարապետին վերին կզակէն ատամները իջեր էին ստորին շրթունքին, - շարժո՛ւմ` որ պերճախօս էր կարդալ կրցողին: Ձեռքով նշան ըրաւ: Ու չէր կարելի ճշդել, թէ որո՞ւ հետ կը խօսէր:

Կիները, իրենց գլխին լաչակները թխմած էին ակռաներուն տակ` չպոռալու համար: Ու կը ծամէին իրենց քրտինքը, որ երբեմն ճերմակ արիւնի համ ունի կ՚ըսեն: Խոր յուզումներու ատեն աչքերու ջուրը ցամքեցնող գեղջուկ հնարք մըն է ատիկա: Չէին լար, չէին ուզեր ատիկա: Բայց անոնց աղիքները կրակի դէմ բռնուած միսի կտորներու նման կը ճենճերէին իրենց ներսէն: Կու գայ պահը, երբ կսկիծը համատարած հեղանուտը կ՚ըլլայ, ուր կը լողան մեր հոգիները: Սկզբնական խանդավառութիւնը ուրիշ բան չէ յաճախ, եթէ ոչ նման վարակում մը: Անշուշտ այդ թափն է, որ մեր պարտութիւնները կը պատրաստէ, երբ չի դիմանար:

-Աղջի՞կը:

Չտեսա՞ւ հազարապետին ժամանումը: Գոց էին արդէն աչքերը: Խարազանին հետքը, կապուտիկ, տեղ-տեղ մինչեւ սեւի զարնող, օձաձեւ գիծ մը կ՚ոլորէր անոր բերնին վերերէն, ցատկելով ականջներուն վրանը ու կորսուելով մազերուն մէջը, բարակ, լորտուի պէս նրբիրան, այդ երաշխէպը կը նմանէր իրական օձի մը, ինչպէս տեսած էր գեղացին հատ մը Դատաստանի պատկերին մէջ: Սարսափելի նկա՜րը: Ինչպէ՞ս կու գար խղճմտանքներու բեմին, այսպէս վճռական րոպէներու, կեանքի եւ մահուան իրերախառնունքին: Ամէն հզօր յուզումներու, գեղացին կը գտնէր այդ նկարէն` դրուագ մը, որ ներկան տաղաւարէր: Կնոջ կուրծքին հովիտէն կը բխէր մարմինը այդ օձին, մէկ գլուխէ, սի՛րտը` հաւանաբար մեղաւոր կնոջ, ու կը քաշէր զոյգ իր մարմինը, կողերուն ետին, կազմելով անողոք շղթան: Պզտիկները ամէնէն շուտ կը տեսնէին, օձին հանդէպ իրենց բնական ձգողութեամբը: Խոշոր ու մերկ միսերով այդ կնիկին պորտը միայն շինուած էր, ու անկէ վարը ջնջուած, ով գիտէ ո՛ր բարեպաշտին կարգադրութեամբը: Ամէն մեղաւոր իր անունը գրուած կը պահէր: Ու օձէ հիւսուած կնիկին մեղքը աւրուած էր, հաւանաբար նոյն իմաստուն հոգածութեամբ: Վասնզի տղոց առաջին գործն էր այդ մեղքերը կարդալ, ու չհասկցուածը` հարցնել մեծերուն:

Անարատ աղջնակը ո՞ր հրաշքով, դէմքին գծուած այդ կապոյտ հետքերուն համար նոյնացաւ մեղքին ամէնէն աղտոտ պատկերին: Մեր միտքը միշտ իր պատճառները չի ձեւեր, մեզմէ տեսանելի պատճառներով: Յետոյ էր, որ ամբոխին միտքին ուրուանար պիտի անոր աղբօրը մեծ ոճիրը, այլապէս անքաւելի: Նալպանտենց հարսը ինչո՛վ էր տարբեր նկարին օձահիւս կծիկէն:

Նոյն րոպէին, արիւնի սեւուկ պտուղներ (կաթիլ), արտակարգ ցօղի մը նման բուսան գիծին երկայնքով եւ ոլորուիլ առին: Մեռելէ մը աւելի դեղին` աղջիկը ձեռք իսկ չէր վերցներ դէպի բխումը: Անմռունչ` ինչպէս կը պատկերեն մեր պատմիչներէն ոմանք, գրաւուած քաղաքներու բնակչութեանց սպառսպուռ սրածումը, երբ կը հանեն ոճի ու դատումի, աղէտին վրայ տաղաւար տալով անճառ ոլորտ մը մեզայատուկ խորհուրդի, որով կը զատուի հայ նահատակութիւնը` ինչպէս թերեւս հայ հոգին ուրիշներէ: Յունական վկայաբանութիւնը չ՚ախորժիր արիւնէն: Լատինները մարտիրոսներուն հոգեկան արիութիւնը կը ցայտեցնեն ու վայելք չեն դներ չարչարանքին «ըմբոշխնումին»: Հետաքրքրական է տարբերութիւնը, որ կը զգացուի Աղուանից պատմիչ Մովսէս Կաղանկատուացիի գիրքին մէջ, երբ նոյն այդ ոգին սրբազան յուզումներու, ճգնողական առքի ու մատուռներու, հին եկեղեցիներու «այազմաներու» պաշտամունքին մէջ կը գտնէ խորագոյն իր խտութիւնը:

Կիսուած անոր դէմքին վրայ ցաւն իսկ չէր կրցած ամբողջանալ, վասնզի ամօթը կը նեղէր անոր մաքրութիւնը: Իր դահիճներուն ձեռքին մէջ ուրիշ ըլլալու չէ պատկերը մեր նահատակութեան: Գեղը չէր տեսած կամ տեսած ու մոռցած ըլլալու էր Մայր Հայաստան յիմար նկարը: Բայց ամէն կնիկ մօտ էր այդ պատկերով թելադրել ուզուած իմաստին: Անոր նայողը անպատճառ ինքզինքը կը զգար կիսուած: Ու բոլորին ալ սրտին` եղաւ անորակելի այն անցումը, նուաղկոտ մարմրանքը, որ վեր է նիւթական ցաւէն ու ելեկտրական հեղանուտի մը նման հազար հազարները իրարու կը պարպէ նոյն ակնթարթին: Եղա՞ծ էք նման պատկերի մը դէմ: Յիշեցէք պահը ու պիտի հասկնաք անպատմելին:

Բերնէն վար անոր դունչիկը հակած էր մէկդի, գագաթէն տեղափոխուած եռանկիւնի մը նման, խախտած` բայց չփրթած ոսկորի մը ցցունքով, մինչ քիթէն վեր, աչքերու աւազա՛նը, թարթիչ ու յօնք ու ճակատ, այսինքն` այն մարզը, ուր կը կեդրոնանայ, կը նիւթանայ մեր անձին գոլը, մեր ներքին ալ անձնականութեան արտաքնագիր դաստառակը, կը դողար համատրոփ, անկարո՛ղ` ինքզինքը, սրբուհին, այսինքն` թուրքի զայրոյթին անպաշտպան լքուած աղջիկն իսկ ըլլալու: Քիչ կան պատկերներ, ուր մարդերու խիղճը պատեհութիւն ունենայ շփուելու սա անգթութեան: Հանդուրժե՞լ: Թուրքերը ըրին այս ամէնը, 96ին ու անկէ յետոյ, ստեղծելու համար սրբազան առիթը պատուհասումին: Նկատեցէք, որ ընդհանուր պատերազմին լայն ապահովութիւնը ու աւելի առջի ջարդերուն խայթազերծ ընտանութիւնը կը պակսէին հոս: Հայը օրէնքէ դուրս արարածը չէր այն ատեն, 915ին: Ու թուրքերը քաղաքակիրթ պետութեան մը ամէնէն մաքուր ախոյեանները կ՚անուանէին իրենց սպաները: Կարելի է եղան այդ մարդերը, այդ անարատ հոգիները թուղթի վրայ: Կարելի է մեզի չտրուեցաւ բախտը մէկ հատիկ մարդ ողջունելու այդ իմաստակոյտ աւագորեարին մէջը: 915ին, երբ գլուխս ծածկելու անձուկին մէջ, տպարան մը կ՚աշխատէի ծպտուած, ինծի տրուեցաւ ֆորմա ընել տարօրինակ գիրք մը, Խայեամի քառեակներուն թարգմանութիւնը թուրքերէնի: Թարգմանիչը, որ տէրն էր տպարանին, փորձերու սրբագրութեան կու գար յաճախ ու կը տնտնար: Եւրոպա ըրած, ծագումով ոչ-թուրք, Իթթիհատին ընդդիմադիր, ու գրող` որքան ալ բժիշկ, հասկցաւ ծպտումին տակ երիտասարդը, որ իր գլուխը կը ջանար ազատել: Խօսեցանք: Ան չգնաց առաջ անունս առնելու: Բայց գիտէր ազգութիւնս: Կը ճանչնար մեր յեղափոխականները, գրողները, որոնք տարագրուած էին այդ օրերուն: Չէր հաւատար, որ անոնք կրնային մեռցուած ըլլալ ու չէր կրնար փաստել իր պատճառները: Անիկա բանակէն դուրս մտաւորականն էր: Մեր խօսակցութիւնը չեմ ուզեր մանրամասնել: Շաբաթ մը ետք անիկա լուր կը ղրկէր ինծի հեռանալ տպարանէն, եթէ չէի ուզեր զինքը մատնիչ մը ընել: Չհասկցայ: Հեռացայ սակայն ու պիտի չգիտնայի իր շարժառիթը, որով վարուած էր անիկա իր չճանչցած հայուն հանդէպ: Ու խորհիլ, որ թուրքը կ՚ատէր անիկա: Ու ազատած էր իր գլուխը իր կնոջ շնորհիւ: Կ՚երեւի, թէ ամէն անոնք, որ կը մտնեն այդ ոգեկանութեան մէջ, կ՚առնուին անկէ, իրենց կամքին իսկ հակառակ: Ու ամէն թուրք ունի այս րոպէները: Հերթական կրկնումներու նպաստով թուրքերը չեն աճապարեր, երբ ոճիրին վայելքն են մտած: Անոնց ամէնէն նրբացածն ալ դժուար թէ նեղուի սա պատկերներէն: Տակաւին, Սպանդէն մօտ քսան տարի ետքն ալ Շէյքսփիր վերլուծող տիկիններ Լոնտոնէն Նիւ Եորք կը ձգտին ապացուցանել արդարութի՜ւնը իրենց ոճիրին: Ու հոս է եղերականը: Չեղա՜ւ թուրք մը, որ բանար ուղիղ իր աչքերը իր հոգիին կատարածին վրայ: Պատերազմի հոգեբանութի՞ւն: Բայց ո՛ւր էր ատիկա սա խեղճ գեղին մէջ: Ի՛նչ կ՚արժէ հերոսութիւնը անպաշտպան աղջիկները չարչարելու, երբ բաղդատուի խղճմտանքին հետ երկու արդար արցունք փոխանակելուն: Ու այսօր, տիկիններու այս շպարուած ուրացումէն ետքը, ուր իջնալուն տկարութիւնը անգամ անոնց այրերը դժուար հանդուրժեցին յաղթողի իրենց կարծրութեան եւ իրաւունքին, երբ կը խառնեն անարգ փարիսեցիութիւն, մեզ ջարդելնուն համար մեզ յանցաւոր հանելով, մէջտեղ կը դնեն հոգեվիճակ մը, որ չի պատշաճիր: Զի անոնք ըրին ամէն ինչ, կատարելագործ արուեստով եւ հաշուըւած անգթութեամբ: Ըրին, համատարած, հանրամատոյց խղճմտանքով: Ու ըրին, շահէն վեր սառնութեամբ մը: Բարձր մշակոյթի, գիտութեան մարդեր չէի՞ն անոնք, որ որբացուած մանուկները վարակեցին, պատուաստեցին մահացու միքրոպներով ու վայելեցին անոնց հոգեվարքը, սխրալի այլուրութեամբ մը իրենց ստացած մշակոյթէն: Ու պաշտպանուա՜ծ, լուսաւորուա՜ծ, գերօրհնուա՜ծ` իրենց ծագումէն, այն եզակի ապազգայութեամբ, որ անոնց անդրագոյն խաները կ՚որակէ ազգերու կորանքին վերեւ, երբ կը հրամայեն արեան աւազաններ հայթայթել իրենց բաղնիքին: Անոնց մէջ եղաւ նորատիպ հրէշը, կի՜ն, որ իր ծիծին վրայ թոյն շաղախելէ յետոյ դրաւ բերանը կեավուրին ձագուկին ու վայելեց իր վարձքը, ի՜նքն ալ ուռելով: Հեքիաթ չէ ատիկա: Հիւանդապահուիի մը սխրագործութիւնն է, զոր ականատես մը պատմած է ինծի: Ու մէկ չէ, տասը չէ: Հասարակ մարդե՞րը: Այսինքն` պատուական ու բարի միւսլիւմա՞նը: Հարկա՜ւ: Պիտի կացինէ հայու գլուխները: Փայտի կոճի մը դէմ ըլլալէն աւելի անզգած: Զինուորակա՞նը: Եղան սպաներ, որոնք իրենց մոյկը դրին զոհին կապուած ձեռքերուն, ձախ թեւով ըրին վեր կզակը պառկողին, զգուշաւոր, դանդաղ, սուրին բերնովը խառնշտկելէն գտան խռչափողին ճիշդ կրճիկը ու կամաց-կամաց, պտուտակի մը վայել շորորով իջան դէպի հակադիր ոսկրացանցը ծոծրակին: Ու ըրին ատիկա, ո՛չ անգթութեամբ, ոչ ալ սարսուռով, այլ` խաղաղ վայելքով: Օր չէ ատիկա, ոչ ալ շաբաթ, այլ` տարինե՜ր: Ծնած չըլլային ուրիշ բանի համար: Մահուան գործի՜ք, դուն կը խաղաս քու խաղդ ու չես նեղեր երբեք աշխարհի բոլոր մսագործները:

-Քուրի՜կ…

Երկու փոքրեր էին, վեցէն ութ տարեկան:

Ինչպէ՜ս կտրեցին զինուորական շղթան, նետուելու համար աղջիկը մինչեւ:

Իրենց պզտիկ մարմինները անոնք սահեցուցեր էին հազարապետով ստեղծուած թոյլ անցքէն ու, ծով ինկողներու նման, յանկարծակի ձգած զիրենք, իրենց քրոջը ոտքերուն:

Տագնապի րոպէներուն ընտանիքին բնազդը գերակշիռ է միշտ: Կը փնտռենք մեզի ամէնէն մօտ հոգիները: Նոյնիսկ մահուան առջեւ այս համախումբ կեցուածքը սրտապնդիչ է, կ՚ըսեն:

Փոքրիկներուն ուղեղէն ջնջուած էր հիւանդ, ով գիտէ ո՜ւր տարուած իրենց մայրը, բայց չէին կրցած զատուիլ ամբողջ երկու օր ժամուն բակէն, աչքերնին սեւեռ դագաղտունին, որ իբր բանտ կը ծառայէր քուրիկին: Անոնք մերժեր էին շաքարն ու հացը մեղքցողներուն, հեռացուած թուրքին ահովը, բայց դարձած կրկին: Կը նեղէին հաւասարապէս խղճմտանքը հայուն ու թուրքին, նոյնիսկ սիրտէն քար քահանային:

Իրենց այս պաղատագին կանչը եւ գրկափարումը յուզեց բոլորը: Ասիկա կը զգացուէր րոպէական լռութեամբ, որ յաջորդեր էր անոնց աղաղակին: Կարծես այդ ճիչին վրայ փոքրիկները արձակած ըլլային իրենց հոգիները, այնքան մահատիպ լռութիւնը հոգեվարքի պատկեր մը եւ զգայութիւններ կը թելադրէր: Փոքր իրենց բազուկներովը հիւսուած էին աղջկան, զոյգ օղակի մը վրայ մէկ պարոյր քաշելով անոր մէջքին: Դողահար, փակաչք: Անոնք կը վախնային թուրքէն ատիկա առած ըլլալով իրենց նեարդներէն ներս, տակաւին երես-փուչք օրերէն, պապուլայի (ogre) պատկերով, բոլորովին մօտիկ գուցէ այն ձեւին, որով կը վախնային սա պառաւներն ալ փլատակ իրենց մարմիններուն ալքերէն: Կեանքը կ՚ընէ այս հրաշքները, երկու ծայրերը թաթխելով մէկ յուզումի մէջ:

Այդ վախն էր, որ ձող-ձող կ՚ընէր անոնց անուշիկ այտերը: Սեր կապած կաթի մը երեսին դրած ունի՞ք մատերնիդ: Որքա՞ն գիծեր պիտի հետեւին, բուսնին ձեր մէկ ճնշումէն: Վիշտը` այդ մատն է փոքրերուն երեսին: Ու աշխարհի մէջ քիչ տրտմութիւն կայ, որ մօտեցուի մանկան մը ցաւին: Մեր ամէնէն հզօր ցաւը մահուամբ իջած չէ՞ մեր գլխուն: Բայց ան ալ վերածելի է յաճախ նախնական արտադրիչներու ու չի բաղդատուիր այն ֆիզիքական անորակելի մերկութեան, որով անոնց հոգին կը թափի մարմինէն լացի, նայուածքի, ճիչի, հակելու, կապ քակելու, այսինքն` տեղէ մը, այդ մահէն փախուստի ձեւով: Նայած ունի՞ք խորը անոնց յուսալքումին, որ վեր է մեռնելուն սարսափէն, քանի որ ասիկա անյայտ, գոնէ աղօտ է իրենց ուղեղին: Ամէնէն սրտաճմլիկ մահը, մեծերու կրկէսէն, զետեղելի է մեր զգայութեանց ու դատումներուն, առնուազն կամաւոր պատրանքներուն ամպհովանիին տակ: Տղան ունի անշուշտ երկինքին երազը, բայց զայն նիւթ ընող զգայարանքէն զուրկ է: Այդ զգայարանքը մեզի կու գայ կեանքին քարերէն, որոնք օր օրի կ՚աղան մեր ցաւերը ու մեզի կու տան վշտին մրուրը: Քսան տարեկան աղջիկի մը ցա՛ւը, մահուան առջեւ, կը շղարշուի նոյն այդ երկինքով, զոր չի զգար տղան, ու կը շղարշուի կեանքէն եօթն անգամ ուժով գեղեցկութեամբ. կամ` երկրային ախտերուն աղտ ու բիծէն ընդմիշտ զերծուելու հեռանկարով, երբեմն նոյնիսկ մոխիրովը տեւական, անխորտակելի հանգիստին, որ մեր քառանկիւնն է, նեղ ու երկար, երկու կանգուն ու երկու թիզ հողէն ներս: Ութամեայ մանուկները զուրկ են այս ամոքանքէն: Ու պարտաւոր են տանելու, իրենց փխրուն մարմիններով, ամաններովը այն տարօրինակ արջասպը, որ ցաւն է, շոգեւոր ու կոտտուն, մեր ջղային սարուածին բաւիղներէն: Տանի՜լ: Մեր, մեծերուս բառն է ատիկա ու սխալ է հիմնովին: Կը յիշեմ իմ ատելութեամբը չէի կրնար զայն զարնել գետնի քարերուն, կը տանէի սակառով դպրոց: Կը յիշեմ բեռը այդ թեթեւ բանին, որ թուլիկ մատներս կ՚ընէր կաս-կապուտ: Ուրկէ՞ ահաւոր այդ ճնշումը: Կը տանէի ու ինծի հետ, ուսերուս, կը տանէի մեր բանւորի սենեակը, աղբարներս ու մամաս, անօթի բոլորովին, խաչւած դդումի մը նետուելիք կեղեւները ունենալով: Այն ատեն ինծի կու գար, թէ աշխարհը մէջն էր այս սակառին: Ու անհուն իմ ատելութեամբը չէի կրնակը զայն զարնել գետնի քարերուն վասնզի իմ հա՜ցը կար մէջը, որ պիտի տրուէր, երբ օրիորդ Վարսենիկը կշտանար ու աւելցուքը քշէր ինծի: Տղաքը միայն կը հասկնան կշիռը այս պատկերներուն: Մենք` մեծերս, երբ զանոնք կը փոխանորդենք, սխալի մը մէջ ենք յաճախ: Ինչո՞ւ մեր դժբախտութիւնները դասաւորելու, կրելի ընելու համար կը նետուինք մենէ դուրս, կը կանչենք ճակատագիրը, որ բառ է յաճախ, եթէ խուլ, սքողուն իրականութիւնը չէ մեր երկրորդ մանկութեան, նոյնիսկ հասուն տարիքի փառքին կամ տագնապին ընդմէջէն: Ու մենք` յիմարներս, հազար առուէ ջուր բերենք պիտի` հասկնալի ընելու համար սա մէկին քաղցր, խոնարհ, օգտաւէտ, սիրազեղ կեանքը, որ բարիքի աղբիւր մը եղաւ իր շրջանակին ու հասաւ իր ծերութեան, մանկան չափ ուրախ: Ու պիտի ընենք նոյն ճարտարանքը հակադիր մարզէն, հասկնալի ընելու համար միշտ, ան միւսին ողբերգութիւնը, տաժանք ու անէծք, իրեն` որքան շրջապատին: Մէկ էր խմորը, առնուազն հողը, ուր աճած էին այդ տղաքը: Մեր իմաստութիւնը պիտի փնտռէ առեղծուածին բանալին շատ մեր փաստերու խորը, բայց պիտի չխորհի հիմնական ազդակին, որ կարելի ըրած է այս հակասութիւնները: Ան մէկը, առաջինը, մտած էր կեանքէն ներս, դասական բարբառով` վարդասփիւռ արահետներէն, եւ կազմած` իր հոգեյատակը հէնքովը քաղցրութեան ու մետաքսին: Ու ցաւին խորշակը չայցելեց անոր մատաղ ջիղերուն, զանոնք այրելու, կռնծելու համար այդքան վաղաժամ: Պատանութիւնը մեր գնդերներուն կարծրութիւնն է ու այս հաւաստումը կը տարածուի նաեւ դէպի մեր ջիղերը: Ո՛րքան տառապինք, ա՛յնքան կ՚ուժովնանք այդ շրջանին: Ան միւսին, երկրորդին հոգին կրծուած էր իր թաւարծի բջիջներէն, անգոյն այն կրակին բերնովը, որ զրկանքէն թորուած արցունքն է տղուն: Ու կեանքը, հետագան, նոյնիսկ բարեբաստ, իր վայելքներուն բոլոր սոսինձովը ու պերճանքին ոսկիներովը անկարող պիտի ըլլայ դարմանելու անդրանիկ այդ մաշուածքը: Ու պարտաւոր ենք այդ սկզբնական աղուաթափումը հանդէս կանչել, բացատրել կարենալու համար կարգ մը անըմբռնելի հակասութիւններ: Ուրկէ՞, եթէ ոչ մանկութենէն իր ծիլերը կ՚առնէ անդարման ու անպատրուակ թախիծը, սրբազան ձանձրախտը, շքեղ ու արուեստակ սրահներէ, պալատներէ ներս փարթամ իշխաններուն, որոնք կը տառապին խուլ ասեղին տակը իրենց վիշտերուն, վասնզի մանկութեան դուռներէն, ընդունեցին իրենց ներքին աշխարհին վրայ, խանձը այդ մոգական կրակին: Աղջիկ մըն էր անիկա, զոր իր մայրը յանձնեց ստնտուներուն եւ տատաներուն, ու իր տարփանքին անձնատուր` մոռցաւ թէ պզտիկները մինակ կաթ կամ միս կամ շոքոլա չեն պահանջեր, այլ կը պահանջեն սէրը զիրենք ծնողներուն: Ու մնաց չորուկ: Կին` հիմա, անիկա պիտի փնտռէ իր մօրը ճամբան, ու անկէ կրկնապէս ախտաւոր` համ չառնէ պիտի նոյնիսկ տարփանքէն: Որքան խորունկ է կապը, որով փնջուած է պուտ մը զգացումը մեր մատներուն տակ…

-Ո՞վ են ասոնք:

Հազարապետն էր այս հարցումին հեղինակը:

Յուզուա՞ծ` քանի որ շեշտին մէջ քաղցր խոնաւութիւն մը զգալ կարծեցին, զոյգ փոքրերով ոտքի սա ողկոյզին դէմ:

-Ո՜վ գիտէ:

Պոլիսէն նոր ճամբայ հանուած` անիկա, գաւառին հետ անհաղորդ ըլլալուն, դեռ չէր թափած վրայէն փափկերանգ գորովը, թուլութիւնը մայրաքաղաքի պէյերուն: Պոլիսը ունի այդ տիպարները: Զանոնք այդպէս կը կերպադրեն փափկութիւնները, պալատներուն եւ միտքի կեանքին առաջին արձակութիւնները, զորս արեւմտեան ոստանները կը բանան արեւելեան ուղեղներէն ներս: Բաց ատկէ, պոլսական քանի մը դարեայ ծագումով, թուրքերու ազնուական դասակարգը տարօրինակ խառնուրդ մը կը մնայ, ցեղագրօրէն անվերածելի` իր ցեղային արտադրիչներուն: Ազատական ասպարէզներու մէջ, առաւելապէս բժիշկ, այդ պէյերը պատեհութիւն չունենան պիտի թարմանալու, ցեղին հզօր սարսուռովը, որ այնքան աղօտ է, երբ կ՚անցնի, այսինքն` ետին կը ձգէ թրքական հոծութիւնները եւ կ՚երկարի Վոսփորի զաղփաղփուն պալատականներուն փոքրադիր լանջքէն ներս: Անշուշտ, չի ներւիր այս ընդհանրացումը, անջատ տուեալներէ: Նոյն այդ բժիշկ պէյերուն եղբայրները, երբ պաշտօնով կամ զինուոր, գացին գաւառ, դարձան անկէ աւելի քան կորովի, թուրք ու կատարեալ երակէն: Յետոյ, պարզ է, որ երկու դարը քիչ կը կշռէ արիւնին պարզումին վրայ: Երբ ստուար, ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, ինչ երակէ ալ առնէ իր հոգեկան բաղադրութիւնը, հաւատարիմ է տակաւին տափաստանին stigmateներուն ու կը դառնայ անոնց, զարմացուցիչ, առհաւութեամբ, նոյնիսկ արքենի գահոյքներէ` դէպի մօրուտքի անասնութիւնը ցատկելով արագ, ափունքին տնկւած գորտերուն նման: Ստոյգ է նաեւ միւսն ալ, նուրբ ու արդար հոգեմոյնքով մարդը, որ արիւնի ու կողոպուտի դարաւոր որջ-պալատէ մը դուրս կու գայ, այլացած, հերքելու չափ ինքզինքը: Ոչ մէկ թուրք ամչցաւ իր թրքութեանը համար, բայց եղան տառապողներ մարդկային թշուառութեան համապատկերին առջեւ, որ իրենց ձեռակերտն էր:

Գեղերը բախտ չունին անշուշտ, որպէսզի իրենց խռովքներուն վրայ ընդունին հազարապետներ, որոնք թրքութեան հետ զարգացուցած ըլլան մարդը իրենց մէջ: Հազարապետը կրթուած անձնաւորութիւն էր, Գերմանիա ուսած ու Ֆրանսա ըրած, քիչիկ մը վեր միջին բարեխառնութենէն, որ սպաներունն էր այդ շրջանին: Կը սիրէր իր ցեղը, տրտում սիրով մը, անոր անկումին պատասխանատու բռնելով Արեւելքը, ուր հինգ դարէ ի վեր ոչ մէկ պետական հզօր կազմակերպութիւն երեւան էր եկած: Իրե՞նցը: Անշո՛ւշտ: Արեւելքի վերջին մեծ յորդումն էր ատիկա, բայց դատապարտուած, քանի որ բոլոր յորդումները չհասան ուրիշ ելքի: Անշուշտ խորունկ էր հաւատքը ցեղին ընդունակութեանց վրայ: Ո՛վ որ թուրքերու հետ շփում է ունեցած, պիտի տպաւորուի անոնց այս զարմանալի հոգեկանութենէն: Ժողովուրդն է անիկա, որուն կէսը քշուած է դուրս կեանքին կրկէսէն: Թուրք կինը նոր է, որ կը ծնի: Այրերը` կա՛մ զինուոր, կա՛մ պաշտօնեայ, կա՛մ սպայ: Այնպէս որ, եօթանասուն տարեկան ծերունին երբ իր կմախքը կը պտըտցնէ, առնուազն վեց-եօթը ճակատամարտի ցուցատախտակ մը ունի կուրծքին, նշան կամ աստիճան: Ու պատերազմը ամէն բան է անոնց հոգիին խորը: Ու ատկէ ալ դուրս: Զարգացումը այդ հոգեկանութիւնը կը խորացնէ, կը տրտմեցնէ, բայց կ՚ընէ աւելի կատաղի:

Երիտասարդ հազարապետը կը կրէր մէջը մեծ ձայնը իր ցեղին, բայց ջանադիր էր զայն, անոր հուրքը առնելու տեսակ մը տէվի ի լապտերին մէջ: Հազուագիւտ տիպար մը չէր անշուշտ, մեր հարցին վրայ իր նայուածքին ճշդութեամբը: Ամէն թուրք մեր հարցը մէկ դատեց: Այսինքն` բարուրանք մը: Թուրքերը ջարդած ատեննին իսկ չեն հաւատացած մեր մեղքին կամ արժէքին: Ասիկա` վասնզի չկրցանք մեր մասին անոնց մէջ կազմուած մտապատկերը հերքել: Չորս դարու կենակցութիւն մը զուր չ՚անցնիր մարդոց դիտողութենէն: Եղանք տղայ, միամիտ, անյարիր, ու մեր առաջնորդներուն խանդավառութեան խոր հաւատացող: Ու չտեսանք զանգուածը մեր շուրջը, ոչ` թուրքէն, այլ` մերիններէն, որոնք մեր, իմացապաշտներուս հետը չէին: Ու մելանը ոչ մէկ ատեն ճակատամարտ չէ շահած: Թուրքը գիտէր ատիկա: Ու գիտէր նաեւ իրականութեան միւս երեսը: -Մենք չենք կրցած մեր արժէքին փաստը հարկադրել անոր, ուժեղ, պիրկ, իսկապէս ազգային ու ծաւալուն արարքով մը: Մեր ապստամբական մեծ ձեռնարկները զետեղելի չեն պատմութեան մէջ: Անոնք տարերային պոռթկումներ են, ու նման անոնց` առանց վախճանի: Մեր դժբախտութիւնը արդիւնքն է մեր միտքին, որ սիրելի հանգիտութիւններու վրայ տրամաբանեց ու չանդրադարձաւ Արեւելքին, այսինքն` թանձրութեան, կեղծիքին, իրապէս ստոր դիւանագիտութեան, որ ծնունդն է, աւա՜ղ, այնքան մեծ ժողովուրդներու: Ու չուզեցինք սրբագրել մեր անգիտութիւնը: Թղթատեցէք յուշերը մեր ականաւոր մարտիկներուն: Դուք կը զարմանաք, տեսնելով զանոնք, որ ըլլան ստիպուած ճակատելու քանի մը ոստիկանի, աշիրէթներու թափթփուկներուն, ու սանկ ու նանկ միւտիրներու կամ զննապտոյտի ելած փաշաներուն դէմ: Ասիկա եթէ նուաստութիւն մըն է մերիններուն համար, միւս կողմէ` փաստ մըն է այդ մարզին վրայ թուրքերուն մեզ հագցուցած արժէքին: Պետական մարմիններուն մասնագիտութիւնն է խնդիրները խոշորցնել, զբաղում ճարելու համար մեքենային: Հրձիգութեան մը համար ուժ շարժման դնելը թուրքերը կը նկատէին իբր ռազմափորձ, ու իբր պրոպականտ իրենց զօրութեան ու ահին:

Սա դէպքին մէջ, հազարապետը կը տեսնէր ճիշդ: Այսինքն` սովորական ոճիր-արկած մը եւ ուրիշ ոչինչ: Չէր հաւատար պատահարին կապուած յեղափոխական հանգոյցին, որուն մէջ տիրական էր Պոլսոյ վրայ ցոյց մը, ինչպէս կը պատգամէր խնդիրը վերլուծող առաջին տեղեկագիրը, անցած մինչեւ վեհապետին զննութեան: Չէր հաւատար այդ գեղացիներուն:

Հազարապետը խելք ունէր: Պալատը` (Պոլսոյ) հեռո՛ւ բոլոնոյն սառնութեամբ, պոլսական գործունէութիւնը, մերիններուն, զանոնք անընդունակ գտնելով բանաւոր, ամրակազմ ձեռնարկի ու կը վայելէր վստահութիւնը Սուլթանին, որ խորքին մէջ յոռետես ու կասկածոտ, չբաժնելով հանդերձ ցամաք այդ լաւատեսութիւնը, ամէն աղբիւրով պալատ խուժող ժուռնալներու հեղեղին դէմ պէտք կը զգար այդ սրտոտ դատումին: Ուրիշ է անշուշտ արժէքը ամէն դատումի, երբ ցեղային մեծ հաշիւներ կը միջամըտեն: Այդ պայմաններուն մէջ, քաղաքականութիւնը արհեստական մշուշն է ճակատամարտի դաշտին վրայ: Գիտակցաբար անոր տակ պիտի ապաստանին սեւերուն հետ բոլոր ուղիղ սիրտերը նոյնիսկ:

Հազարապետը խելք ունէր: Պալա՛տը` (Պոլսոյ) հեռո՛ւ բոլորովին սա գեղին ճամբաներէն: Ժուռնալները յիմար, որոնք կը պնդէին Ելտըզի վրայ խուժումի մը մասին: Քոմիթաճինե՞րը: -Բայց այս գեղերէն ասպատակ միայն կը բուսնէր: Թուրքերը 96ի զսպումէն յետոյ, զտում մը կատարած էին իրենց որակումներուն մէջ: Չէին հաւատար Եւրոպա չանցած ու հոն զմարզուած մարզիկներուն: Վարիչ դասակարգը քոմիթաճի տարազը յատկացուցած էր մտաւորական գործիչին, առնուազն շիմիսթ յեղափոխականներուն, որոնք կարող էին ռումբ կամ տինամիթ գործածելու: Միւսները` գեղացի ըմբիշներ, որոնց հետ զբաղում մը միշտ ալ սիրեցին ունենալ, իրենց հաստկեկ ոստիկան-զինուորները գործնապէս մարզելու մտահոգութեամբ եւ ուրիշ առաւելութիւններու համար:

Պառաւ մը, հաճի ու ատենին հարուստ, որ իր օճախին շէնութեանը պէյեր տեղաւորեր էր, անցաւ առաջ ու յարգալից կեցաւ հազարապետին սեւեռած տակաւին ուժէ չինկած աչքերը: Ոստիկանները ատեն չէին գտած այդ ելքը արգիլելու:

-Ի՞նչ կայ, պառա՛ւ, - հարցուց հազարապետը:

-Մեղք է աս տղոց, փաշա, դուն ալ զաւկի տէր ես: Նայէ հեղ մը վրանին:

-Ո՞վ են ատոնք:

-Աղբրտանքը:

Պառաւը հարցումին պատասխաներ էր հայերէն, ձայնէն դանկըտուած:

Սպան շարժեց գլուխը: Կը հասկնար: Քսան-երեսուն տարի «աղբար»ը հայութիւնը խորհրդանշող բառ մըն էր անոնց միտքին: Չդիմացա՞ւ տեսարանին: Տեսան զինքը, որ կը շեղէր:

Սրճարանին այդ մասը պատշգամ մըն էր, հողլիցք ու բարձր: Առաջացաւ բազրիքին կողմը, նշանացի կանչելով հարիւրապետը, որ աչքերը մոյկերուն քիթին` հետեւեցաւ իր մեծին:

Ցած խօսակցութիւն: Որուն ընթացքին տղաքը իրենց երեսները փակցուցած իրենց քրոջը երանքներուն, խոր իրենց շունչը յայտ չընելու ճիգին մէջ կը խղդուէին ու ատենը հեղ մը կը հեծկըլտային, թօթուելով խոշոր իրենց գլուխները: Ոստիկաններուն ուսերէն, պառաւները գլուխ կը կոտրտէին, տղաքը լռութեան հրաւիրող, չխորհելով անոնց փակ աչքերուն:

Երկու զինուորականներուն ցած խօսակցութիւնը, զոր մտրակով հսկուած լռութեան րոպէներ կը լրջացնեն, տեւեց բաւական: Որոշումներ, վարանք, վստահութիւն: Անոր դէմքը անցաւ այս բոլորէն:

Որմէ յետոյ, դառնալով ետ, մտրակին արծաթ կոթը կռթընցընելով մէկ այտին - անոր անգիտակից արարքներէն մէկն էր ատիկա-, մօտեցաւ աղջկան, դպաւ թեթեւ, ազատ ափովը, անոր ուսին եւ ըսաւ:

-Գնա՛, աղջիկս:

Աղջիկը չէր հասկնար:

-Գնա՛, տու՛նդ գնա: Ազատ ես:

Ոստիկաններուն թթու զարմանքը ատեն չգտաւ փոխուելու այն ապուշ, հաճոյակատար ու կեղծ մեղմութեան, որ յատուկ է նախնական ցեղերուն, մէկ վիճակէն միւսը անցնելու իրենց դիւրութեան մէջ աստիճանը պարզելով իրենց հոգեկան ընդդիմահարութեան, մշակոյթին հեղումովը պայմանաւոր: Փոփոխման այս արագութիւնը, ցրուած վիճակի մը ուղղակի անոր ներհակին մտնել կրնալու հաշտ ու պայծառ վայելչութիւնը նկարագիր է անկազմ կամ խորապէս ապականած ցեղերու: Ոստիկան մը կրկնեց, աղջկան ականջին, հրամանը փաշային:

-Հայտէ՛, տունդ: Աղօթէ՛ փատիշահին եւ փաշային:

Ժպտուն, նենգ, թուքոտ, լեզուովը պեխերը լզելով.

-Աստուած մուրատիդ հասցնէ:

Շատ մը բերաններէ միանուագ սա մաղթանքը, անակնկալ` որքան անկեղծ, հազարապետին երեսին բացաւ տխուր ժպիտ մը: Կը մեղքնա՞ր, իր խնամուած, գիտուն ապականութեան, թէ կը ծաղրէր, սիրտին քար դրած, անորակելի բարութիւնը սա հոգիներուն: Հարիւրէն վեր էր թիւը մարդոց, որ իր կարգադրութեամբը քշուեր էին, կապ, դէպի բանտ: Աղջիկ մը կ՚արձակուէր: Ու ասիկա բաւ էր այդ վշտահեղձ սրտերը դարձնելու իրենց աւանդական հունին: Իրարու համար անտանելի, անզիջող մեր հոգիները ուրիշներու հանդէպ բաց տաճարներն են եղեր: Հայկական հիւրասիրութիւնը կը զատուի արեւելեան ցեղերու նոյնատիպ աւանդութիւններէն, խտութեան, բացարձակութեան սա ոլորտովը: Կրնաք զայն ընդունիլ իբր ցուցիչ մեր տկարութեան, բայց չէք հերքեր իրողութիւնը:

Քակուեցան պզտիկները, բայց չկեցուցին իրենց լացը: Անոնց համար լացը միակ իրողութիւնն էր, քանի որ կը մնային դուրս իրենց տունէն, առնուազն թաղէն: Պզտիկներուն լացը կը դադրի միայն ընտանի տեսիլներու վերադարձով մը:

Աղջկան թեւերը անուժ, ինկան վար, առնելու փոքրիկները իրենց թաթերէն: Սրբած չէր արիւնը երեսէն: Պառաւ մը երկարեց լաչակը ու դպաւ արիւնին, որ պաղեր էր ա՛լ, բայց քիչիկ մը ծաւալեցաւ, ստեղծելով խոր տգեղութիւն, մէջտեղէն կիսուած անոր դէմքին վրայ: Տխուր` այլապէս մութ եղաւ անոր սա գնացքը, թեւերէն կախ պզտիկներուն աղեխարշ լացովը խոնաւցած:

Հարիւրապետը, քաղաքային պաշտօնեաները խուլ բարկութեան ակնարկով հետեւեցան հեռացող պատկերին: Ոստիկաններուն զանգուածը անկարող էր հասկնալ սա թուլացումը, լքումը, նպատակին այնքան մօտենալէ ետք: Անոնք համոզուած էին, որ Սողոմենց տղուն կապը կը փրթէր սա աղջկանը պորտէն, ինչպէս կը պատկերէր եօթանասնեկի սրիկան, սրամտութեան խառնելով իր յայտնի ախորժակը: Հեծեալներ, թուղթերով` մեծ գործի վրայ, խորհրդաւոր մատուցումներով, որոնք չարագուշակ կշիռ կ՚առնէին աչքերու իմաստալից խփումով: Յիսնապետներ, շքեղ իրենց ձիերը սանձելու ճիգին մէջ, քիչ մը կարմրած ու զուարթ: Ոստիկանները, զօրքը, քանի մը ոչ-համազգեստով գեղացի թուրքերը, յայտնապէս ինկած իրենց անասնութենէն, բայց զօրացած չոր իրենց սնապարծութեան մէջ, փամփուշտները մատերնուն սանտրէն շողացնելով:

Քիչ առաջուան դաժան ու մռայլ ձգտումը փոխուած էր ընթացիկ այն պատկերին, որմէ այնքան համ կ՚առնեն թուրքերը, երբ այրուձի` կը վարգեն գեղերու փողոցէն, կայծեր սփռելով սմբակներէ, կամ հետեւակ, իրենց մաուզէրները ուսընդանութ կը չափչփեն խաղաղ թաղերը, տղաքն ու պառաւները ահաբեկելով:

Էրիկմարդու բացակայութիւնը կը նպաստէ՞ր այս մեղմացումին:

Մենծ-աղաներու սրճարանէն վեր հովանոց, փայտաշէն, տեսակ մը մանրադիր պահա՛կ, որ նուէրն էր հին աղայի մը: Ինքնատիպ մարդ այդ Հաճաղան, Զատիկենց ինը աղբարներէն ամէնէն երէցը, երեք հեղ հաճի` հաճի Միքայէլը, ով գիտէ ո՛ր մեղքին համար, շինել էր տուեր այդ հովանոցը: Հոն կը խմէր իր սուրճը, ոսկի գլուխ ծխամորճը շողացնելէն, երբ, հարկահանները իր քսակէն գոհացնելէ ետքը, կը քաշուէր այդտեղ, վայելելու համար տղայութեան համը ու գեղը երախտաւորելու հինաւուրց գոհունակութիւնը: Մեր աղաները իրենց նախնիքներուն անմուրատ փառասիրութեան այս կերպ յագեցում կու տային, առանց գիտնալու:

Հազարապետը փայտեայ սանդուխէն մտաւ հովանոցը:

Ատկէ` աչքի տակ ունեցաւ վարի ու դէմի փողոցները, բանտի վերածուած խանութներուն գիծը: Հարիւր քայլ ցած` ձորը, որուն կողերու դարին կոկոզած էին տուներ, անպատուհան ու խարխուլ: Մարդ չէր կրնար հաւատալ այդ բնակարաններու փառքին, դար մը առաջ, երբ անոնց հիմա փոշի տէրերը գեղին ամէնէն թանկ դիրքերը գրաւած ըլլալու նախանձախնդրութեամբ, թիզը ոսկիով գնած էին այդ հողերը ու այդ փառասիրութեան մէջ ալ` կործանած, իրենց թոռներուն ձգելով հետզհետէ տժգունող անուն մը ու ընդերքէն ալ քայքայումը իրենց տուներուն: Գեղի մը փողոցներուն պատմութիւնը տրամաթիք պատմութիւն է յաճախ ու այլապէս կենդանի, քան քաղաքներունը, ուր պետութիւնը կը միջամտէ: Շատերու բացումին արիւն կը կապուի:

Ատկէ` կրկին, ձորամէջը, զոյգ սօսիներով, որոնք հոսող հողերը ցանցող զօրաւոր կազմակերպութիւն մըն էին ու կը պաշտպանէին հակադիր տարրերը հողին: Կամուրջը` որ չորս-հինգ տարին հեղ մը զոհ կ՚երթար ջուրին, իրեն հետ կործանելով տուները, որոնք վստահած էին իր պատերուն: Հեղեղը տարօրինակ արագութեամբ կը հինցնէ ափնեայ շէնքերը, կարծես չգոհանալով յատակին ու շրթներուն մաշումէն ու թաւալած օդին պտոյտներովը կը հարուածէ վերի տուները ներսէն ու դուրսէն:

Աւելի վար` նորաշէն, կիներու տասնոցովը մէջտեղ ելած ուրիշ կամուրջ մը, որ գեղին միւս կէսը կը կապէր ժամուն, կիները պաշտպանելով գեղամէջը կտրելու ամօթէն, ու կը կամարնար, ճերմակ ու կոկիկ, կարծես չկրնալով հերքել իր վրայէն վայելչութիւնը նոր հարսներուն, երբ մուշտակուած ու կարմիր, իրենց բեղմնաւոր որովայնը կը տանին ժամ, Աւետարանի օրհնումին:

Գեղի տագնապներուն մէջ կառավարութիւնը Ջարդերէն ասդին լուրջ ու լիրբ, այսօրուան նման ուժի մը գլուխ, կը գործէր լայն ու չյոգնող ախորժակով մը: Հազարապետը կը դիտէր շրջանակները ու կը դիտէր շուար բազմութիւնը, ապահով ու հանդարտ: Պատշգամի սանդուխին պահակ ոստիկանները` քիչ մը կոտրուած: Աղջկան հեռանալէն քիչ ետք, հազարապետը նշանացի իր մօտ կանչեց հարիւրապետը, քաղաքային պաշտօնեաները: Կը խօսէին ցած, գաղտ գրեթէ, առանց բարկութեան, հետեւելով փաշային դիմագծային արտայայտութեան: Վարէն, մեծ ճամբուն վրայ, խուլ դղրդիւնը երկաթ սայլերուն ու, զանոնք քաշող մեծղի ձիերէն սմբակի շառաչներ, փերթ-փերթ: Միշտ հետեւակ սուրհանդակներ: Թղթածրար: Խաչաձեւում: Իրարանցում: Գեղը պատերազմ չէր տեսած: Հազարապետը ռազմախաղի մը համեմատութիւնները կու տար պաշարումին: Բլուրներուն բարձրերէն, օղաւոր շղթայի մը զանազան կէտերէն, կանգուն մարդիկ, զինուորներ լաթ կը շարժէին:

Հարիւրապետը իր շքախումբով ելաւ դուրս հովանոցէն: Զիրենք դիմաւորողը յայտնի անհամբերութիւնն էր ամբոխին: Ոստիկաններն ու զօրքը նեղուած էին անօգուտ սպասումէն ու կը պահանջէին անցնիլ գործի: Անոնց մէջ «փորձառուներ», հայ կոտրելու համար այսպէս ժամեր չէին վատնած: Յետոյ, հիմնուելով անցեալի յուշերուն, կասկածոտ հոգիով կը դիտէին դէպքերուն գնացքը: Կը դատէին այս ուղղութեամբ, վասնզի հիմնական տարրը, այս սպանդներուն ատեն, զանգուածն էր, մօտի գեղերուն խուժանը, որ ողբերգութեան վարագոյրը կը բանար ու կը կատարէր իր պարտքը, կռթնած զօրքին: Ամէն տեղ ջարդը քալած էր այս ճամբայով: Հիմա՜: Հազարապետին առաջին գործն էր եղած մօտաւոր դրացիները դարձնել իրենց գեղերը: Ուրե՞մն: Ու արդար տրամաբանութեամբ զինուորը կը խորհէր հազարապետին քսակին, որ ով գիտէ քանի՜ հազարներով յղփացած, կը պաշտպանէր անհաւատները: Հայերը վարպետ են քաղաքի մէջ: Փափազ էֆէնտին սատանան անգամ տոպրակը կը դնէր:

-Հընզըր կեավուր, - պոռալու չափ բարձր ձայնով:

Դաւաճան քահանան լաւ կը վարձատրուէր: Զինուորին այս գրգռութիւնը հասա՞ւ մեծաւորներուն: Շատեր չէին խնայեր հայհոյութիւնը:

Պաշտօնեաները, յիսնապետ մը, ջոկատ մը ոստիկան, խառն խումբով անջատուեցան ժամուն հրապարակէն: Անոնք պաշտօն ունէին հետապնդելու, յիսուն քայլ բացօք արձակուած աղջիկը: Դանդաղ, հնազանդ մնալու համար հարիւրապետին հրահանգին, ու յարգելու` պատուիրուած հեռաւորութիւնը, սա խումբը կ՚առաջանար թեթեւ, զուարթ, սովորական գնացքով, նայելով հոս ու հոն ու տնտնալով խմբուած կիներու շուրջը: Անոնք նետած էին իրենց դէմքէն մռայլ դիմակը, որով եղեր էին երկու օրէ ի վեր: Հետերնին էր, առնուած` սրճարանէն գզիրը, զոր կը քաշքշէին յայտ ախորժակով, գտնելով անոր միսերը շատ դահացած, ու արիւնը` բոր կապած:

-Մեղք մեր սուիններուն:

Ըսողն էր կատակախօս տասնապետ մը: Կը մեղքնար իր դանակին, նոր սրցուած, մաս-մաքուր ու ճերմակ, որ աղտոտելու էր գոնջ գզիրին «ծաղկած» արիւնովը: Գզիրին ծոծրակին վրայ չոր էկզեմա մը մրջունի բոյներ էր փորեր ու մորթը կրծեր, դրամի պէս բոլորակ բացութիւններ ձգելով կոնծած, փոթ-փոթ կաշիէն:

Բաց էին այս կատակները, այսինքն` առանց թաքուն վայրագութեան: Խօսակցութեան տիրական թոնը գովեստն էր հազարապետին: Այս կեավուրները բախտ ունէին իրաւ որ:

-Թող ըլլար Քեազիմը:

-Թող ըլլար Խալիլը:

-Այն անտեն կը տեսնէինք պոյը այս գեղին:

Կ՚ըսէին զուարթ ու կը մխտէին ծերունի գզիրը, որ կը ճանչնար այդ անուններուն տակ ոգեկոչուած մարդերը, երբ կը պատասխանէր, բան մը խօսած ըլլալու համար`

-Գիտեմ, գիտեմ:

-Յիմա՜ր, - կը զարնէին գլխուն ու կը սուզուէին իրենց յուշերուն մէջ: Անշուշտ անոնք ալ մարդեր էին, Սիւրէյեային պէս, հազարներուն վրայ, որոնք ատենին կազմակերպեր էին նման պաշարումներ եւ ելեր գործին մէջէն ` ազգին ու փատիշահին պատուաբեր եղանակով:

-Տեսնալի՞ք:

Ունէին հարկաւ սա հայերը, եթէ անոնցմէ մէկը ըլլար հիմա նստած սրճարանին քէօշկ ը: Թող աղօթին Աստուծոյ, որ իրենց վրայ կը ղրկէր այսպէս քիպար փաշա մը: Ու կ՚առաջանային, խօսք նետելով պառաւներուն, բայց զգաստ` կիներու հետ:

Հինգ վայրկեան յետոյ անոնք կանգ առին տունի մը առջեւ:

Հոն էր մտած Սողոմին քոյրը:

Բացառիկ ճառագայթում մը, քաղաքային պաշտօնեաներու երեսին: Անոնք ծանօթ Սողոմենց տունին, շուտով հասկցան այս նորին որուն պատկանիլը, գզիրէն:

-Մաշալլա՜հ, մաշալլա՜հ:

Չկրցաւ զսպել իր հիացումը, ամէնէն տարեցը պաշտօնեաներուն: Հիացականը կ՚ուղղուէր հազարապետին տաղանդին, որ կարճ խորհրդակցութեան ընթացքին, գուշակեր էր դէպքերուն առնելիք սա գնացքը: Անիկա համոզուած էր աղջկան հոդ գալուն: Տո՞ւնը:

-Սողոմին նշանծուն:

Անհամբեր ոստիկան մը առաւ ափ աղխը դուռին:

Ու առանց որ տրուէին հրահանգ, հրաման, կարգադրութիւններ, զինուորները ինքնաբեր արագութեամբ բռնեցին տունին երեք երեսները:

-Հոս է հընզըրը:

Կը կրկնէին ցած իրարու եւ ուրախ էին, երեք օրուան անպտուղ յոգնութիւնը մոռնալու աստիճան:

Նոյն փողոցի մուտքին եւ ելքին երկ-երկու ոստիկան, սուինաձիգ: Ուրիշ երկու` հեծեալ: Ասոնք պաշտօն ունէին երթեւեկը կեցնելու: Քաղաքային տարազով երկու փոքրահասակ մարդեր, թաշկինակով բան մը կը հասկնային ու կը հասկցնէին մեծ փողոցի պահակախումբին: Դուռը մնաց փակ:

Պաշտօնեան կրկնեց զարկը:

Դաստակէն յուզումը անցած ըլլալու էր դէմքին, որ դեղնեցաւ: Թեթեւակի դող մը կը խաղար շրթներուն: Թուրքերը չեն կրնար իրենց մտապատկերները զսպել ոճիրին հոտին մէջ, իրենք` որ այնքան ճարտար կը սքողեն անոր incubationը, շաբաթներով: Ամէն գոց դուռ գերեզմանի մը կը նմանի: Իրենց գեղերուն մէջ, անոնք պիտի զգուշանան անոր զարնելէ: Վասնզի զայն կը բռնաբարենք երբեմն մեր իսկ դիակին համար, մեր ձեռքով վերցնելով ճակատագրին կափարիչը: Քանի՜-քանի՜ հեղ բացուող դուռերը դուրս նետեցին հոգէառը, մարդասպանի մը դիմակով, որ զարկաւ ու անցաւ:

Շուրջանակի, բոլոր տուները ինկած եղան ակնթարթի մէջ շատցող հրացաններու բերնին: Դասական հրահանգները, նոյն տափաքիթ մոլլայէն, բնակիչները հրաւիրող, գլուխ չհանել պատուհանէ, ոչ ալ դուռ բանալ: Անսաստողը իր գլուխովը կը քաւէր իր յանդգնութիւնը:

-Վալլա՜հ-պիլլա՜հ կը վառե՛նք, հա՜…, - կը ճուար երջանիկ արարածը ու կը զգար ինքզինքը գերագոյն պահերէն մէկուն մէջ իր կեանքին:

Այս ապահովութիւնը, վտանգէ զերծութիւնը, թշնամին ուրանալու սիրտը տիրական արտայայտութիւնն էր այս մարդոց: Հակառակ իրենց թիւին քիչութեան, անոնք վեր էին կրակի գացող մարդոց գոնէ արտաքին ալ այլայլումէն: Ջարդերը փոխած էին հայերէն առաջ թուրքերը: Ընդդիմութիւնը հիմա պահանջուած, անհրաժեշտ դէպքն էր այս պայմաններուն մէջ:

Ապտակեցին գզիրը, որ իբր թէ չէր կանչեր: Անոր ձայնը պոռալէն փրթեր էր կտրած կաթի պէս փշուր-փշուր թափելով բերնէն: Ծեծը ուժգին ալ էր, թէեւ կատակի երանգը, թեթեւուկ, մնար անոնց բառերուն մէջ:

Երրորդ վայրագ զարկէ մը ետքը, յարգելու համար ասիկա` օրէնքին տրամադրութիւնը, կարճ սպասում: Որմէ ետք համազարկ գրո՜հը:

Ութ ոստիկան, ակնթարթի մէջ կոտրեցին սովորականէն վեր հաստութեամբ ընկուզէ դուռը: Խուժո՛ւմ:

Բակ, պարզ ու ամայի: Ու պաղ ալ` դուրսի տաքէն հոդ շինուած: Կծու հոտ մը ծխախոտի:

Ամէն նոր տուն, անծանօթի մը աչքին, նոր կնիկի մը յոյզը կը բերէ: Դիտելէ աւելի կը զգանք ատիկա: Թուրքերը` զարմացած, կը զննէին աչքի տակէ փոքր տակառները, որոնք հացը բերանը հասնող, սովորական բառով` բարեկեցիկ ընտանիքը կը յատկանշեն: Անոնց թիւին համեմատական է աղջիկներուն արժէքը: Հազարնոց, այսինքն` ձիթապտուղին կշիռովը: Վասնզի գինիին տակառը աղքատութեան հոմանիշ է գրեթէ:

Տիրապետողը բակին երեսին, գեղակերտ դուռն էր ախոռին, կարմիր ներկուած գամ գլուխներով ամրակուռ: Չունէր փականք: Փոխարէն` կապ մը, որ ծակէ մը կ՚իյնար, ուղղալարի մը նման: Ոստիկան մը նշմարել կարծեց, որ կը շարժէր անիկա: Բայց այդքան: Հաւերը` մեծաղաղակ, յիմար, իրար անցած, ջանալով դուրս թափիլ զինուորներուն ոտքերէն:

Հրացանի բուները իջան, որոտով, կատաղի, հայհոյալից, լիրբ` սանդուխի կողերուն: Ամէն բան գետնայարկէն վեր կը կապուի անջատ սանդուխի կազմածով մը, որ անասուններուն մուտքը կ՚արգիլէ վերերը:

Ինչո՞ւ չէին բարձրանար:

Հակառակ իրենց մարզանքներուն ու կեավուրի բակ մը մտած ըլլալու յստակ զգացումին, սա րոպէին անոնք ըրեր էին աւանդական, առհաւական այս շարժումը, որ պարտադիր էր ամէն թուրքի, արուի, երբ ուրիշին տունը կը մտնէ: Օրինական յայտարարութիւնը, որուն վարժուած են մանկութենէն սկսեալ:

-Մէկը չըլլա՛յ…

Ինչպէս պիտի ընէին, ըսէին` եթէ թուրքի մը ըլլար սա բակը, ատեն տալու համար կիներուն, որպէսզի հեռանան, կամ առնուազն պատսպարեն իրենց մազերն ու դէմքը:

Վերնայարկը մնաց լուռ:

Պաշտօնեայ մը կրկին ապտակեց գզիրը, որ չէր կատարեր իր պարտքը, կանչելէ զգուշանալով տանտէրը: Ապտակողը օրէ՞նքը կը յարգէր, թէ կը զուարճանար:

-Խնամի Դելոն, Դելոն խնամի՜…

Գզիրին ջախջախուած ձա՛յնը, զոր ցաւոտ հազ մը ձգեց կէս:

Խնամի՜: Անշո՛ւշտ որ մէկն է ատիկա ուրիշի մը: Ադ ուրիշն ալ` աւելի հեռու ուրիշի մը: Չէզոք, դիւրին ու թեթեւ որակում: Ու հասկանալի նոյն ատեն: Այսօր իրարմէ հեռացած, հազար օտար ըսուելու չափ, գեղացիները չեն հրաժարիր անդրանիկ ընտանութենէն, որով կը սկսին աճումները, ճիւղաւորումները: Զիրար կանչէին պիտի, տեղի կամ ոչ, այս կարգի փաղաքուշ պիտակներով: Դելոնը խնամի է, քանի որ աղջիկ ունի կարգելիք: Ո՞վ որու արիւնին չէ խառնուած սա գեղին մէջ, որուն տարեգիրքը, բերանացի տուեալներով` եօթը տունի կը վերցնեն սկզբնական կորիզը հազար հինգ հարիւրնոց հիմկու զանգուածին:

Սանդուխի կատարին ցցուեցաւ յաղթահասակ մարդ մը, ոսկորներէն խոշոր ու գօտիին, հաստ չուխային շուքովն ալ ուռեցած քիչ մը:

Յիսուննո՛ց, որքան կարելի էր հետեւցնել դէմքին խոնջէնքէն ու մազերուն ընդհանուր ցուցմունքէն: Քիչ մը բաց, այսինքն հեռու` այն սպառած մոյնքէն, որով թղթուած կը թուին դէմքերը աշխատանքէն տրորուն, բնութեան խստութեանց անընդմիջաբար ենթարկուած գեղացիներուն: Յայտնի էր, որ տունը միս կը մտնէր ամէն շաբթու, մանրամասնութիւն` զոր դէմքը կը թելադրէ առաջին ակնարկին: Կեցուածքը կը զեղուր շեշտ արագութիւն, հով, հրապոյր, որոնք հողէն չնուաճուած մարդոց կերպարանքը կը զատեն միւսներէն: Առատութի՛ւն, քիչ մը ամէն բանէ, մարմինէ` ժառանգութիւնը ըմբիշներուն մինչեւ խոր ծերութիւն: Դելոնը անունով գօտեմարտող էր:

Սանդուխին շեղ մարմինը, տեսողական պատրանքով մը, կը նպաստէր ցցելու հասակը ընդմէջէն, օխաներով չուան կտրտած, պաճ պղպեղ, տարիքին մուրճովը դեռ չխելօքցած - քանի որ տարին քանի մը հեղ անոր ահագնադղորդ աղաղակը գեղը կը հանէր թունդ -, բայց գզիրին բերնին անվնաս տարազ, խնամի՜:

Կեցաւ հանդարտ:

Ըմբիշ, թուրք գեղերու հարսնիքներուն զուռնա նուագող, գօտեմարտութիւնը դաշնաւորող իր եղանակին մէջ խենթեցող ու խենթեցնող, երբ կը նետէր բերնէն անարգ եղէգը ու կը նետուէր մէջտեղ, առանց հանուելու ատեն ճարելու իր եռանդին ու կը հիւսուէր ախոյեանին ձիւթի պէս ու կուպրի պէս, պիրկ ու աննուաճ, ճզմելով մարդուն ոսկորները գըթըր-գըթըր ու արձակելով անոր նուաճուած մարմինը չորս քայլ անդին:

Մաքսանենգ, բոլորին նման, իր ընկերներէն փնտռուելով գրոհներուն պահուն, ահաւոր իր կոկորդին պարպած ամպրոպովը որ դողի կը հանէր կիրճին կողերը, քարերն անգամ շարժելով ու թաւալ բերելով:

Անոր կռնակը չէր եկած գետին: Ու անոր բազուկը չէր լքած հրացանը ոչ մէկ դէտի կամ ոստիկանի:

Տարիքին հետ, տղոցը ժմնելուն հետ` անիկա կը խելոքնար քիչ-քիչ, բայց չէր հերքեր գիրը իր ճակտին, անցնելով կարգը զգաստ ծերերուն, հարուստ կամ աղքատ, որոնք ժամ ու աղօթք թուղթ կամ տապալի կը հոլովեն, ուրիշ խօսքով` կը դադրին լեռնէն ու կռիւէն:

Անտառներէ, կիրճերէ, ձորերէ արշաւը անիկա փոխարինած էր ուրիշ, բայց տանիքէ հովանաւոր ոչ-նուազ յուզումնալից զբաղումով մը: Կարօտ մը չէր անիկա, բայց իբր սիրող կը գործադրէր ամէնէն արգիլուած արհեստը - ծխախոտ կը կտրէր: Մաղաձեւ ու ճաշակով` անիկա կը յօշէր գեղին խոտը ու անոր հավան ներ ը 10 անուն ունէին մինչեւ Քէօթահիա, եօթը լեռ անդին: Իր խոտին գեղեցկութիւնը զինաթափ կ՚ընէր նոյնիսկ ռէժիի տնօրէնները: Քանի՜-քանի՜ հեղ կոխուած էր այս տունը, հիմակուան նման: Դէտերը, ինչպէս կ՚ընէին հիմա ոստիկանները, քիթերնին կը ճմռէին, կճուելով թրջուած խոտին բուրումէն, տունը հիմն ի վեր կ՚ընէին ու կը ճաթէին գտնելու անկարող թաքստոցը, ուր պահուած ըլլալու էին սանդերը: Հինգ վայրկեանը բաւ էր, որպէսզի ձգէր անիկա գործը, հագուէր տունին զգեստները ու անցնէր օճախին անկիւնը, ընդունելու համար խուզարկուները, ժպիտը երեսին, ծխատուփը երկարելով, վարդի պէս ժպտուն ծուխը մատերուն մէջէն աղջկայ խոպոպներուն նման կախելով: Ռէժին չէր կրնար արգիլել անձնական սպառումը այս խոտին: Այս զբաղումը, ծերութեան դուռներուն, բաւ էր անոր մէջ վառ պահելու արկածներու աշխարհը, որ միակ միջնադարեան ասպետներուն սեփականութիւնը չէ եղած: Բոլոր ըմբիշները, քիչ մը կառապանները, նաւազները դեռ չեն ազատագրուած այդ մշուշէն:

-Ի՞նչ կայ:

Մազ-մօրուք` աղէկ մը բացուած: Բայց հասակը ուղիղ: Մէջքը պատկառելի, տիրակա՛ն` ամէնէն ծանր տպաւորող մասը անոր ամբողջին: Չորս-հինգ վերմակի պորտ, շաքարի պարկեր, հին շալերու բեկորներ, վրայէ վրայ` հազիւ կը լեցնէին անոր իրանին այդ խոնարհումը, պարանոցումը դէպի կոնքը, այնքան խոր էր այդ վիզը ընդմէջ կոնքին եւ կուրծքին: Այսպէս հաստըցած, այդ մէջքը ամուր էր «լերան նման»:

-Ո՞ւր է Սողոմը:

-Սողոմի՞նն է այս տունը, հէյ օղո՜ւլ:

Սա «հէ՜յ օղուլ»ը, նման առիթի մը, լսողը հաւատալ չէր կրնար անոր բերանին:

Կեանքին մէջ մեղմ չխօսած ըմբիշը - նման կուրծքէ մը պարզ ձայնը քառապատկուած բարձրութեամբ կը հեղուէր դուրս - չէ՞ր կրնար գտնել պարագայէն պահանջուած շեշտը: Վիրաւորուած էին թուրքերը, քաղաքային պաշտօնեաները մանաւանդ, որոնք քաղաքի հայ հարուստներուն եւ արհեստաւորներուն մօտ իրենց իւրացուցած մտապատկերներով չկրցան հասկնալ այդ ձայնին բնական խտութիւնը ու թթուեցան դառնօրէն: Անոնց այդ զայրոյթը փոխուեցաւ գործի, հայհոյանքի ձեւով: Ըմբիշը, զարմացած կը հետեւէր այդ հեղումին ու չէր հասկնար հասցէն, որուն ուղղուած էին այդ նախատինքները: Իր չկասկածած խստութիւնը - զոր չէր կրցած եղկել փաղաքուշ «հէ՜յ օղուլ»ը` անարդար զիջում եռօրեայ ահաբեկումին - հրաւէ՞ր մըն էր, որպէսզի թուրքերը դառնային իրենց գազանութեան:

Առանց հրամանի, չորս ոստիկան, հայհոյութեանց տարափէն, հրուելով կարծես ելան վեր սանդուխէն: