Բ
Չէր
կրնար
ճշդել,
թէ
եկա՞ծ
էր
առտուն:
Աչքերը
ձէթէ
կանթեղին`
անիկա
ատ
սառումով
անդադար
կը
մոռնար
իր
շրջապատը,
զոր
դանդաղ
կը
տեսնէր
ու
կը
նետւէր
ծոցը
ուրիշ
զգայութեանց,
որոնք
կը
յառնէին,
խառն
ի
խուռն,
ներկայով
սքողուն,
բայց
պարզօրէն
անցեալ,
պահի
եւ
շրջանակի
տարօրինակ
հանգիտութեամբ
մը,
երբ`
հեռու
իր
գեղին
մէջ,
այսպէս
Նոյեմբերի
առտուներուն
արեւածագէն
շատ
առաջ,
սեղան
կը
բարձրանար
լուսարարին
հետ,
Տիրամօր
նկարին
մշտավառ
Եօթնաղբարէն
վառելու
մոմը,
միւս
կանթեղներուն
ալ
փոխադրելու
համար
սրբազան
բոցիկը:
Խուլ,
կարծես
գետնին
տակէն
ձայներ
կը
թաւալէին:
Բանտին
պատը
կը
դողար
այդ
ձայներէն:
Ի՛նչ
գիտնար
անիկա,
թէ
պատին
միւս
կողմը
մեծ
պողոտան
էր,
ուրկէ
առտու
կանուխ
թնդանօթի
սայլերը
կը
հանուէին
ճամբայ,
ժանգոտած
անիւներուն
մաքրութիւնը
ու
վաղայարոյց
ժողովուրդը
հետաքրքրել
աշխատող
ոգին
հաշտեցնելով
իրարու:
Պահ
մը
կը
սուզուէր
իր
վախին
մէջ:
Որոտումը
կը
նուաղէր,
ինչպէս
մարող
կոչնակ
մը,
որմէ
անմիջապէս
յետոյ
իր
գեղին
մեծ
եկեղեցի՜ն:
Արարողութի՜ւնը:
Փոխ
ու
քարոզ:
Ու
շարական,
ու
տէրտէրներ:
Ձիթապտուղի
քաղին
եկեղեցին
լոյսէն
շատ
առաջ
կը
բացուէր:
Ու
մութին
մէջ,
փոքր
մոմերով
դեղնաւուն
մօրուքները`
ոգիներու
կզակին
փռուած
շարժական
կտաւներու
կը
նմանէին
քահանաներու
կուրծքին:
Ու
ժամուորները,
մեծ
մասով
բանուոր,
ամրապէս
մամուկուած,
որոնք
դաշտ
իջնելէ
առաջ,
իրենց
հոգին
կու
գային
յանձնելու
Աստուծոյ
աչքին:
Դիւրին
չէր
ատ
ցուրտին,
քսան
կանգուն
բարձր
սանդուխներու
վրայ
պահել
ա՛լ
յոգնած,
տարիքէն
կոխուած
իրենց
ոտքերը:
Սանդուխները,
խարդախ`
կրնային
կոտրիլ:
Ուժերը,
խարդախ`
կրնային
դաւել:
Ու
հասուն
տանձի
պէս
աշխատաւորը
կ՚իյնար
գետին,
աղցան
դարձած,
հոգին
տուած
կամ
տալու
համար
ջորիին
քամակին:
Ուրիշներ,
միշտ
ժամուոր,
մուշտակին
յանձնած
իրենց
հաստ
գլուխները,
կ՚աղօթէին,
քառորդ
դարէ
ի
վեր
իրենց
սիւնին
փակցուցած
իրենց
հաստ
կռնակները:
Աղաներ,
ասոնք,
բայց
հաւատացեալ:
Գիշերն
ի
բուն,
այս
պատկերները
կը
գրաւէին
Սողոմենց
Սողոմին
ուղեղը:
Կարծես
փակած
էին
կոպերուն
ներսէն
ու
կարգի
սպասող
էջերուն
նման
կը
բացուէին,
իրմէն
անկախ
մատներու
հպատակ:
Բանտին
սա
գրեթէ
ստորերկեայ
խորշիկին
անիկա
անդադար
կը
վերածուէր
իր
անդրանիկ
պատանութեան:
Ներկայէն
փախուստը
տխրութիւն
կ՚որակեն:
Գուցէ
իրաւունք
ունին,
բայց
պէտք
է
խորհիլ
նոյն
ատեն,
թէ
ամէն
ներկայ
անցեալ
մըն
է
մէկ
հէնքէն:
Տիրացո՛ւ,
նոյնիսկ
մարդասպաններու
սա
նկուղին
մէջ,
ուր
իշխող
հոտն
ու
խոնաւութիւնը
կը
յիշեցնէին
իրեն
իր
եկեղեցիին
մսկոտ
հոտերը
ու
մնայուն
ձէթի
ծթռանքը
-
որով
հիւսուած,
շաղուըւած
կը
թուին
պահարաններու
շապիկները,
Տօնացոյցներն
ու
Ճաշուները
-,
երբ
խղդուած
օդի
պակասով
կոկորդը
կը
մաքրէր
անդադար:
Նոյեմբե՜ր:
Անձրեւ
ու
երբեմն
ձիւն:
Փողոցներէն`
տիրացու
Սողո՜մ,
ոտքերը
ցուրտէն
մզմզալէն
ու
մատները
կազուած:
Տեւողութեան
եւ
միջոցի
սա
ձեւազեղծումը,
զիրար
այլօրէն
թելադրելը
մեզի
համար
կ՚ըլլան
յստակ,
երբ
մեր
հոգին
պարտաւորուի
փախչիլ
ինքնիրմէն:
Սողոմենց
Սողոմը
մարդասպան
էր,
հրձիգ,
քոմիթաճի,
սիրահար
ու
այս
ամէնէն
դուրս`
թաթին
տակը
թուրք
արդարութեան:
Անոր
բանտերէն
ամէնէն
ահաւորին
մէջը
ծակամուտ:
Պատին
գամուած,
ուրիշ
մը
պիտի
ըսէր
խաչուած
-
վասնզի
զայն
ընդունող
փայտեայ
կազմածը
կոշտ
խաչ
մըն
էր,
գուցէ
գիւտը
մոլեռանդ
բանտապահին
-,
ձէթէ
կանթեղը,
անցեալը
արթնցնելու
այս
դժնդակ
դերէն
զատ,
ոչինչ
ունէր
ընելիք,
անկարող
ըլլալով
բան
փոխելու
հաստ,
կպչուն,
սիրտ
խառնող
այն
հոտոտ
բանէն,
որ
օդն
էր
այս
անգամ:
Գիշերն
ամբողջ,
ինչպէս
պիտի
ըլլար
յաջորդ
ցերեկին
ալ,
մութին
վրայ,
այրէր
պիտի
այդ
կանթեղը,
մոռցուած
աչքի
մը
նման,
պաղած
ու
անդորր,
քանի
որ
հովի
ոչ
մէկ
շունչ
կարող
է
թափանցել
շէնքին
մինչեւ
այդ
ընդերքը:
Մարդիկ,
այդ
նկուղին
թուագրեալները,
այսինքն`
հոն
մեռնելու
դատապարտուածները
-
բոլորն
ալ
ցմահ
-
կը
գիտնային,
թէ
օրը
դարձած
էր
ինք
իր
վրայ,
երբ
հանդիպակաց
պատին`
երեք
տեղերէ
մութը
պղտորէր,
բացուէր
քիչ
մը,
առանց
ձէթին
թերի
դեղնութեան:
Այդ
աղօտումը`
շնորհն
էր
լոյսին:
Ու
լոյսը
կու
գար,
գալու
պէս
կ՚ըլլար
Սողոմին
աչքերուն:
Կլորակ
փորուածքներ,
պատին
դնդերին
մէջէն
երկարող
մէկ
լայնքէն
միւսը,
երակներու
նման,
նաւու
լուսամուտները
յիշեցնող
բերաններով,
թիւով
երեք,
որոնք
գրկաչափ
մը
թանձրութեամբ
պատէն
ներս
կը
խորանային,
հետզհետէ
ամփոփուելով:
Իւրաքանչիւր
փորուածք,
հիւսուած
էր
երեքական
խաւ
վանդակով,
մանկան
բազուկի
հաստութեամբ
ձողերէ,
կարծես
պաշտօն
ունեցող`
ներս
ինկած
պայծառութիւնը
քամելու,
ու
կ՚առնէին
լոյսէն
իր
իսկ
իմաստը,
ներս
ղրկելով
բան
մը,
որ
աղտո՛տ,
խարզած
ճերմակեղէնի
հետ
կրնար
շփոթուիլ:
Ու
աճռուած,
թակուած
սպաննուած
այդ
բաները
կարծես
փռուեր
էին
այդ
պատին,
չորնալու
համար,
փոթ-փոթ,
այդքան
մը
պահելով
ստուերը
վանդակին
ձողացանցին,
տալու
համար
պատրանքը
գծաւոր
լաթերու:
Մարդասպաններուն
նկուղը:
Այսինքն`
մէկը
այդ
ընդարձակ
գետնաշխարհի
բջիջներէն:
Քանիերորդ
անգամն
էր,
որ
ստիպուած
կ՚ըլլար
անիկա
նստելու,
չկրնալուն
պառկիլ,
քանի
որ
վէրքերը
կը
կոտտային`
չոր
տախտակին
հետ
շփումէն
նեղուելով:
Երկու
շաբաթ
բաւ
էր
եղեր,
որպէսզի
իր
վէրքերը
կորսնցնէին
իրենց
վտանգաւոր
ընթացքը,
բայց
դեռ
հեռու
էին
գոցուելէ:
Անիկա
կը
նեղուէր
նոյնքան
ու
աւելի`
խուլ
ու
պաղ
աղմուկէն,
որ
կը
հետեւէր
անոր
իւրաքանչիւր
շարժումին:
Շղթայ
մը,
որուն
օղակները
իրենց
մեծութեամբը
կը
յիշեցնէին
գոմշու
կառքերու
մէջ
գործածուած
տեսակը,
հանգոյց
մը
կը
կազմէր
անոր
վզատակին,
կը
շեղէր,
յետոյ
մտնելու
աջ
անութին
խորշը,
կրկին
դառնալու
վեր,
կը
կղպուէր
ուսին
վրայ
մասնաւոր
փականքով
մը
ու
կը
քալէր
վար,
մեծ
աղեղով
մը,
ինքզինքը
հիւսելու
համար
ձախ
ոտքի
կոճին:
Ծանրութեան
չափ,
շփումին
չափ
-
անոր
ութ
վէրքերը
անոր
մարմինը
կոտրտած
երեսի
մը
վերածեր
էին,
վիրակապերուն
հանգոյցներովը
անգամ
մըն
ալ
խորտուբորտ
-
շղթան
կը
չարչարէր
տղան
իր
անհաստատ,
գրեթէ
հեղուկ
իրանովը,
որ
կը
շինուէր
ու
կը
քայքայուէր
համաձայն
իր
շարժումներուն:
Հագած
էր
զայն
նոր,
տակաւին
գիշերամուտին,
երբ
զինքը
նետեր
էին
հիւանդանոցէն
ներս:
Անիկա
պատրաստուած
էր
այս
երկաթ
աղիքին,
դեռ
հիւանդանոցէն,
ուր
շատ
բաներ
պատմեր
էին
մեծ
զնտանէն,
մեղքցած
իր
արեւուն,
բայց
չթուլցուցած
ոտքերը
հիւսող
չուանը,
որով
կապուած
էր
անոր
վիրաւոր
մարմինը
հաստ
երկաթներու:
Ցաւ
չունէր
առանձնապէս,
բայց
շղթան
կրելու
իր
անյաջողութիւնը
կ՚անդրադառնար
իր
ջիղերուն:
Մեր
անցեալը
մեզի
կու
գայ
ձգողութեան
օրէնքով,
անշուշտ
հեռաւորութեան
քառակուսիին
տեղ,
գործածելով
դադարի
սանդուխ
մը:
Հանգիստի
պէտքն
է
ան,
ծարաւը,
երբ
մեր
առջին
անապատն
է
հարիւր
մէկ
տարուան,
շատ
աւելի
դժնդակ
իբր
պատկեր,
քան
կախաղանը:
Եկան
անոր
ուրիշ
քանի
մը
պահեր
ալ:
Ամէնէն
ուժովը,
այն
անճշդելի
կէս
գիշերը,
պարզ
ու
սրտառուչ,
որուն
մէջ
անոր
տրուեցաւ
խորագոյն
յուզումը
իր
մատաղ
սիրտին,
առանց
կսկիծի,
առանց
արեան
համի
այն
սարսուռը,
որ
կնոջ
մը
դէմք
է
մեր
ափերուն
մէջ:
Անոր
նշանածը,
նոր
անցած
տասնհինգէն,
եօթը
լեռ
էր
կտրեր
քրոջը
հետ,
ինչպէս
կը
պատմեն
հեքիաթները,
ու
սարերն
ինկած,
համբուրելով
անոր
ոտքերը,
ըսելով
խենթ
ու
խոր
բաներ,
այնքան
տարբեր
իրենց
արձագանգովը`
Նալպանտենց
հարսին
յարուցած
խռովքէն:
Եւ
ուրիշ
պահեր:
Ամէն
անգամուն
ալ
անիկա
ընդմիջուեցաւ
մռայլ
խօսքերէ,
որոնք
ըսես
կը
բուսնէին
պատերէն,
քանի
որ
գլուխները
չէին
որոշուեր,
ու
նկուղը
կը
լուսաւորէին
արիւնով
ու
կիրքով:
Երբեմն
րոպէ
մը-երկուք
այդ
բարբառը
կը
պարզէր
ոճրածալք
մը,
ճիշդ
սիրտին
հասնող
դանակի
մը
պէս
կճրտացող,
ա՛յնքան`
որ
Սողոմը
կը
նետուէր
Նալպանտենց
տունը,
հաճի
Աննային
սենեակը,
ու
կը
լսէր
խուլ
քսքսուքը
ի՛ր
ալ
դանակին:
Երբեմն
քաղցր
արցունք
էին
բառերը,
սիրականին
ոտքերուն
թափուող
սիրային
խոխոջ
մը,
այնքան
հեռու
ափերէ
մեկնած,
որ
կը
թուէր
գալ
երկինքէն
ու
կ՚ընէր
այդ
մթութիւնը
լուսնահոս
մեղեդի:
Բանտակից
բերաններէ
այս
ակամայ
պատմումները,
կցկտուր`
երբեմն
ահաւոր
աղմուկով
մը
հովանաւոր,
ուր
մաս
կ՚առնէին
չեղած
մարմինի
մը
տրորուն
շարժումները,
կոծուածքը,
կը
շինէին
այս
գիշերը,
ուրիշ
գիշերներ,
զարմանալի
կերպով
նոյն`
տարիներէ
ասդին:
Մեր
միտքը
չի
հիննար,
երբ
լոյսէն
կտրուի:
Մեր
ցաւերը
կը
մնան
ողջ,
ամբողջ,
երբ
չորս
պատին
մէջ
դագաղենք
զանոնք:
Ուշադիր,
հասկնալու
հեւքի
մը
մէջ
ինչ
որ
կը
պատգամուէր
խաւարին
բերնով`
անիկա
իր
աչքերը
կը
կանչէր
օգնութեան,
քիչ
մը
բան
զատելու
աղջամուղջէն,
որ
կը
մնար
գրեթէ
անթափանց:
Պատերուն
երեքը
գրաւուած
էին
սանկ
ու
նանկ
ձեւերով,
որոնք
անճանաչելի
բաներուն
ներքեւ
կորսնցուցած
էին
իրենց
մարդկեղէն
համեմատութիւնը:
Բայց
ըլլալու
էին
մարդեր,
վասնզի
պատի
տակ
այդ
դիզուիլները
ծանօթ
էին
իրեն
դեռ
գիւղաքաղաքի
բանտէն:
Նման
ամէն
նորեկի,
որ
իր
ժամանած
երկիրը
կ՚աճապարէ
յօրինել,
տեսնելէ
առաջ,
տուեր
էր
անոնց
դէմք
ու
պատմութիւն,
իրեն
պատահածին
նման
շարան
մը
փորձանք,
կիներ
ու
արիւն:
Անոնք
ալ
դարձեր
էին
իրենց
ոսկորներուն
վրայ,
բայց
գրեթէ
անաղմուկ,
իբր
թէ
չունենային
իրեն
պէս
շղթայ:
Անոնց
բացագանչութիւնը,
մռայլ
բառաբեկորները,
մա՛նաւանդ
շնչառութիւնը,
որ
բազմազգի
կշռոյթով
եւ
ստեղով
ձայնարկութիւն
մըն
էր,
տխուր
զգացումներու
կ՚առաջնորդէր
զինքը:
Հաստ
ու
հոտած
օդը,
որ
աւրուած
հաւկիթի
մը
պէս
կը
մտնէր
իր
մէջ,
նուազ
կսկիծ
չէր
բանար
անոր
աչքերուն:
Առաջին
արթնցողն
էր
խստադէմ,
բայց
բարի
աչքերով
երիտասարդը,
որ
քովէն
տեղ
էր
տուած
Սողոմին:
Գիշերը
կէսին
էր
իր
մուտքը
այս
նկուղէն:
Երիտասարդը
խօսած
էր
հայերէն,
իրենց
մօտի
գեղերէն
մէկուն
հնչումովը,
խրատած`
շղթային
գործածութեան
մասին,
իր
իսկ
մարմինին
օրինակովը
ու
գիշեր
բարիով
մը
երկնցած
իր
քունին:
Բնական,
պարզ,
բարեացակամ
այդ
բառերը
անհաւատալի
ըսուելու
չափ
օտար
թուացած
էին
իրեն
այն
ատեն:
Հիմա`
նոյնն
էր
երիտասարդը,
որ
թօթուեց
մէկ-երկու
թմրած
ոտքերը
ու
նստեցաւ:
Դուրսէն
կը
հասնէր
կճրտուքը
բացուող
ու
գոցուող
դուռերուն,
բոլորն
ալ
երգեցիկ,
գուցէ
թաքուն
յարդարանքով
մը:
Ու
ձայներ
տակաւին,
հայհոյութեան
փշուրներ,
հրամաններ,
որոնց
կէսը
կը
հալի
ճամբան,
ուտուելով
ուրիշէ:
Բանտը
կ՚արթննար:
…
Դուռը`
որ
գառագեղի
ամրակազմ
վանդակ
մըն
էր,
տեղի
տուաւ:
Ներս
մտնողը
զինուած
էր
սրասայր,
բայց
բազկի
պէս
հաստբուն
նիզակով
մը:
Կը
հետեւէին
ատրճանակնին
լարած
չորս
ոստիկաններ:
Այդ
մուտքը,
երկաթով
ու
թրքութեամբ
խառնուած,
խոր
էր
ու
տպաւորիչ,
աւելցնող`
նկուղին
բնական
սառոյցը:
Այդ
դէմքերէն
հոգիները
կը
թուին
հեռացած:
Ու
համր
իրենց
բերանները
կը
նպաստէին
այդ
զգայութեան
շեշտումին:
Անոնք
անցան
Սողոմին,
անզգոյշ
ու
բիրտ,
կոխելով
անոր
ոտքին,
դիտումով
ու
խիստ:
Բանտին
մէջ
կեավուրը
կը
կորսնցնէ
չունեցածն
ալ:
Նիզակով
մարդը
ոտքի
բուռն
հարուածներով
խօսեցուց
քիչ
վերօք
երկարած
զոյգ
մը
մթութիւններ:
Հարուածներուն
ետեւէն,
տեսանելի
եղան
մարդեր,
որոնք
կը
շփէին
իրենց
աչքերը
տեսնելո՞ւ,
թէ
քունը
փախցնելու
դիտումով:
Իրաւն
ան
էր,
որ
անոնք
չէին
սպասէր
սա
վաղաժամ
զարթումին:
Նիզակով
մարդը
գրպանէն
հանեց
փոքր
լամբ
մը
ու
բռնեց
անոր
միապակի
երեսը
երկուքին
դէմքին:
Սողոմը
սառեցաւ:
Քոմիթաճիներն
էին:
Ճիշդ
չէր
գիտեր,
թէ
ի՛նչ
ունէր
վախնալիք,
ի՛նք`
որ
մահւան
հետ
հաշտուած
էր
դեռ
Նալպանտենց
հարսին
ծոցէն:
Նայած
էր
քովի
երիտասարդին,
որ
այդ
երկուքին
լոյսին
մէջ
եղաւ
տարբեր
իմաստի:
-Հայտէ՛:
Նիզակով
մարդն
էր:
Զարնելու
անյօժար,
վասնզի
առտու
կանուխ
մեր
աղիքները
տրամադիր
չեն
բռնաբարուելու:
Քոմիթաճիներէն
փոքրը
դեռ
կը
պահէր
սուր
մօրուքիկը,
որուն
համար
անիկա
հանդուրժեր
էր
տասը
ժամ
աւելի
ծեծ,
քան
իր
ընկերը:
Դէմքէն`
նոյն
հալած
պատկերը,
որ
սեւեռուած
էր
Սողոմին
մտքին,
ամիս
առաջ,
երբ
կը
խօսէր,
թաւուտի
մը
խորը,
այդ
մօրուքին
տէրը
այնքան
նոր
ու
խորունկ
բաներու
մասին:
Պատանութիւնը
մեր
հոգեկան
կազմութեան
շրջանն
է:
Ով
որ
այդ
շրջանին
լսած
է
այդ
խորունկ
բաներէն`
չունի
մոռնալիք:
Կարճ
այդ
միջոցը
օգտագործուած
չէ
ազգերու
գրականութեանց
մէջ,
հաւանաբար
իր
երկկենցաղ
նկարագրին
համար:
Բայց
ա՛ն`
որ
ատկէ
հինգ
տարի
վերջը
պիտի
յօժարի
կամաւոր
մահուան,
լաւ
չհասկցուած
բաներու
իսկ
սիրոյն,
անիկա
մկրտուած
մըն
է:
Սողոմենց
տղան,
խենթեցած,
կախուեր
էր
այդ
փոքր
մարդուն
բառերէն:
Պարզ
երեւոյթի
մը
տակ
դժուար
պարտկելի
անհուն
այդ
բռնկո՛ւմը,
որով
լուսաւոր
են
մեր
յեղափոխութեան
անդրանիկ
առաքեալները,
պարզ
ու
հաւատքով
մարդեր,
տարբեր
բոլորովին`
ապագայի
բազմաբղէտ
ու
քաղքենի
նմոյշներէն:
Այդ
բռնկումը,
որ
աչքին
ու
բառին
միացումն
է
նոյն
դէմքին
վրայ,
ու
անսովոր
մեր
պատմութեան
դաշտին
մէջ,
տարբեր`
հին
հաւատքին
նոյնքան
հզօր
նահատակներէն:
Սողոմենց
տղան
անծանօթ
էր
իր
ցեղին
պատմութեան,
բայց
հասկացողութիւնը
ունէր
ցեղին
մեծ
ձայնին,
գերութեան
մէջ
հասակ
առած
ու
թուրքին
սարսափովը
սնած
մե՜ծ
աղաղակը,
զոր
ամէնէն
աւելի
խոր
կը
զգար
իր
ժամուն
մէջ,
սքողուն`
բայց
յստակ:
Տեսա՞ւ
կարճահասակ
մարդը
սա
«քաղցրաձայն
տիրացուն»,
ինչպէս
որակած
էր
ան
զինքը,
հին
օրերու
արգիլուած
երգէ
մը
ետք,
անտառին
խորը,
երբ
դղրդացեր
էր
սիրտը
քանի
մը
տասնեակ
տղոց,
ու
պոռացած
ցեղին
հսկայ
կարօտը
ազատութեան
անսուաղ
երազին
ետեւէն:
Հեռացուց,
արագ,
իր
աչքերը
Սողոմէն,
շինելու
համար
պարզ
ու
այլուրային
դէմք:
Յեղափոխութիւնը,
մա՛նաւանդ
իր
բանտային
մասին
մէջ,
ասպարէզ
մըն
է
գուցէ:
Զայն
շրջապատող
մնայուն
վտանգը
ըրած
է
անոր
զինուորները
տարօրէն
ճկուն,
բնազդական
զսպումի
փորձ
սարուածով
մը,
մարդոց
երեսին
րոպէով
շինուող:
Սողոմենց
տղան
ուրիշ
զարմանքով
մը
հաստատեց
իր
մէջ
նաեւ
պատկերը,
որ
միւս
մարդունն
էր,
սեւեռուած`
անտառէն:
Մօրուքով
երիտասարդին
ընկերը,
յաղթահասակ`
բայց
անխօս,
կը
պահէր
թարթիչները
փակելու
նոյն
ձեւը:
Ան
ալ
չտեսաւ
զինքը,
այսինքն`
անզգալի
ըրաւ
սա
հանդիպումը:
Ելան,
անաղմուկ,
շղթաները
զգուշութեամբ
կառավարելով:
-Առէ՛ք
ունեցածնիդ:
Քոմիթաճիները
մնացին
անշարժ:
-Չհասկցա՞ք,
-
կրկնեց
նիզակով
մարդը,
որ
լոյսը
բռնեց
այն
պարապութեան,
ուրկէ
ելած
էին
երկու
ձեւերը:
Ոչի՛նչ,
իսկ
ոչ
կօշիկ
մը,
որ
սովորական
բարձը
կ՚ըլլայ
ամէն
ղարիպ
բանտարկեալի:
Անոնք
ձեռքով,
առանց
նայելու,
մէկդի,
դէպի
հայերը
հրեցին
պաթանիայի
կտոր
մը,
որ
պատկանելու
էր
տժգոյն
երիտասարդին,
քանի
որ
այս
վերջինը
հաւաքեց
ծածկոցը
ու
դրաւ
իր
բարձին
տակ:
-Ուրի՞շ:
-Ոչինչ:
-Անցէ՛ք
առաջ:
Ու
անցան
առաջ:
Չէին
նայած
հայ
երիտասարդին,
որուն
այդ
կտորիկ
ծածկոյթով
կ՚անցնէին
գիշերները:
Չէին
նայած
Սողոմենց
Սողոմին,
որ
առաջին
անգամ
ըլլալով
զգաց
ինչ
որ
հազար
գիրք
կամ
տասը
հազար
երգ
չեն
սորվեցներ
մեզի:
Երբ
անոնց
գլուխը
ինկաւ
կանթեղին
հասողութեանը
մէջ,
Սողոմենց
Սողոմը
հասկցաւ
աւելին
ալ:
Երես
չէր,
ինչ
որ
կը
մնար
այդ
գլուխներուն
մէկ
մասին
վրայ,
այլ`
անորակելի
կտաւ
մը,
դուրսէն
դրուած,
կամ
աւելի
ճիշդը`
հազար
ու
մէկ
հարուածի
գնով
ինքնիրմէ
օտարացած,
հերքուած
լաթ
մը,
որուն
վրայ
տղաքը
աչք
ու
քիթ
կը
գծեն
ածուխով:
Թուրքին
ծեծը
այնքան
խոր
էր
խաթարած
մարդկեղէն
շնորհը
այդ
միսերէն,
տեղը
ձգելով
ծաղրանկարէն
ալ
տխուր
բան
մը:
Փակուեցան
վանդակ
փեղկերը,
մինչ`
նրբանցքին
սալերուն,
անոնց
շղթաները
պահ-պահ
բաբախող
սիրտի
մը
պէս,
գրեթէ
համաչափ,
կը
ծակծկէին
խաւարը,
հետզհետէ
նուազելով:
Երբ
նկուղը
դարձաւ
իր
վիրաւոր
լռութեան,
ձէթէ
կանթեղը
արձակեց
մէկ-երկու
ցուրտ
ձայն:
Աս
ու
ան
անկիւնէն`
հեծքեր,
կոշտ
կամ
սրտառուչ:
Քունը
երկաթի
պէս
ծանր
է
այդ
նկուղներուն
խորը:
Պակսող
օդին
խա՞ղը
ասիկա,
թէ
խղճմտանքին
վրայ
դիզուած
լերան
ճնշումը:
Անդամներ,
որոնք
կը
ձգտուին,
ու
կը
քսքսուին
իրարու,
որոճուած
պատկերի
մը
փշուրներուն
ետեւէ:
Երբեմն`
ոսկորներու
կճրտում
մը,
որ
լռութիւնը
կը
սղոցէ
ու
մահուան
պաղ
մը
կ՚ուրուագրէ
ուղեղին
խորը:
Երբեմն`
յստակ
ճիչ
մը,
որով
քաղցր
երազ
մը
կը
դանկըտուի:
Մէկը
կը
բզկտէ
սիրոյ
սրտառուչ
պատկեր
մը,
այնքան
պարզ
ու
իրաւ,
որ
խաւարին
վրայ
մարդ
ակամայ
կը
փնտռէ
նկարը,
կինն
ու
մանուկը,
որոնցմէ
բեկոր
մը
պահ
էր,
որ
բուսաւ
քունէն
շղթայուած
սա
բերաններուն,
փոխուելով
սխրագին
ձայնի:
Բանտի
առտու:
Բայց`
առտուն
անոնց,
որոնց
փակուած
պիտի
մնայ
աշխարհին
արձակը
ընդմիշտ:
-Ո՞ւր
կը
տանին:
Բոլոր
մնացողները
ըրին,
թուրքերու
բանտին
մէջ,
այս
հարցումը,
երբ
մեկնողներուն
ձայնը
դադրեցաւ
սալերէն:
Ըրաւ
Սողոմն
ալ
մեկուսի
եւ
վախով:
-Աստուած
գիտէ:
Ինքն
էր
այս
պատասխանը
տուողը
իրեն:
Սողոմենց
տղան
չունեցաւ
համարձակութիւն:
Նոր
չէր,
որ
կ՚իյնար
այս
աշխարհին
մէջ:
Տարակոյս
մը,
մտքին
մէջ,
կեցուց
զինքը,
աւելի
առաջ
երթալէ:
Բանտերը
վարակուած
էին
արձակ
աշխարհի
մեծ
խաթարումովը:
Առանց
որ
մէկը
ըլլար
վերահասու
կատարուածին,
բանտին
պարզ
բաժանումներէն
մինչեւ
մարդասպաններուն
նկուղները,
պաշտօնապէս
կը
գործադրուէր
լրտեսութիւնը,
փոխադարձ
կասկածի
այն
ահաւոր
ոլորտը,
որ
մարդոց
առանց
ատոր
ալ
եղկելի
օրերը
կ՚ընէ
փուշի
հանդէս
մը:
Բռնապետութիւնը,
որ
համիտեան
ռէժիմին
ամէնէն
աչքառու
մէկ
երեւոյթը
պիտի
որակուի
պատմութեան
տարեգրութեանց
մէջ,
այդ
օրերուն,
ա՛լ
ստացած
էր
վերջնական
իր
նկարագիրը:
Կայսրութիւնը,
սկսեալ
վեհապետին
ապարանքէն
մինչեւ
խոնարհագոյն
աւանը,
ցանցուած
էր
ամենազօր
բանակով
մը
լրտեսներու,
որոնք
կը
թափանցէին
ամէն
անկիւն
ու
ամէն
տուն:
Մարդիկ
ենթարկուած
էին
փոխադարձ
անվստահութեան
եւ
զննութեան:
Ոչ
ոք
կրնար
բացուիլ
երկրորդի
մը,
առանց
տարիներ
կանխորդ
մտերմութեան
մը
ուժին:
Սրճարանները,
գլխաւոր
խանութները,
բաղնիքները
եւ
ճաշարանները,
սանկ
ու
նանկ
քաղաքներու
մէջ
հսկողութեան
տակ
էին,
մէկ
կողմէ`
տէրերուն,
միւս
կողմէ
յաճախորդներուն:
Արդէն
խօսակցութեան
անտրամադիր
այդ
ժողովուրդը
կը
սուզուէր
մռայլ
խոժոռութեան
մը
ծոցը,
ուրկէ
կ՚ելլէր
բացառիկ
առիթներու,
երբ
քրիստոնեայ
մը
հալածելու
կամ
ասպատակ
մը
սպաննելու
հասարակաց
պահանջը
հնչէր
ականջին:
Անկէ
դուրս,
ամէն
մէկը
իր
ճիւպէ
ին
(վերարկու)
մէջը
ինքզինքը
տեղաւորած:
Կառավարական
պաշտօնատուները,
բանտերը
նախասիրուած
վայրեր
էին
կասկածելիներու
որսին:
Չէին
բաւեր
պարզ
ու
անվերադիր
հաւատարմութիւնը,
ռէժիմին
դէմ
հլու
խոնարհութիւնը,
փատիշահին
համար
բերանաբաց
ու
բազկատարած
արեւշատութիւն
մաղթելը,
տարեդարձներուն`
տուներն
ու
պատուհանները
դրօշել
կամ
լուսազարդել,
ոչ
ալ
մատաղն
ու
զեքիաթ
ը:
Եռանդ
էր
հարկաւոր,
գերմանական
զօրապաշտութեան
վրայ
ձեւ
առած
այն
նուիրումը,
որով
վեհապետին
անձը
խորհրդանշանը
կը
դառնայ
ազգին,
ու
անոր
ծառայելը`
անհատի
գերագոյն
նշանակը:
Սուրբ
եռանդը`
ծառայութեան
զգացումները
(արաբերէն
բառերը,
որոնք
միջնադարեան
իրենց
տարողութիւնը
լիուլի
կը
պահէին,
այդ
բարքերուն
օրինաւորման
մէջ
դեր
ունեցան:
Խալիֆա
յղացքը
տասը-տասներկու
դար
ետ
կը
տանէր
թուրքերուն
ուղեղը
եւ
իրենց
պետին
ծառայ
յորջորջուելու
պատիւը
կը
քառակուսէր
իբր
արժէք
ու
վայելք
սա
աշխարհին
վրայ)
գործով
ապացուցանելու:
Ու
գտնելու`
սեղանի,
բաղնիքի,
ճաշարանի,
ճամբու
կամ
սրճարանի
ընկերոջ
մը
մէջ
դաւաճանը,
ֆէսատը
որ
միշտ
«անիծապարտ»
ծրագիրներ
ունէր
(ժուռնալը
վստահաբար
կը
վճռէր
ատիկա):
Կայսրութեան
այս
կամ
այն
նահանգները
անջատելու,
առնուազն`
Եըլտըզի
պալատը
օդը
հանելու:
Թուրքէ
թուրք
այս
կասկածանքը
վիրաւոր
էր
աւելի
անասելի
ամօթով
մը,
վասնզի
հայերու
վերագրուած
յետին
միտքերը
ի
զօրու
չէին:
Փոխադարձ
հետապնդումը
շահին,
դիրքին,
պատուանշանին
ստեղծած
էր
շեշտ
դասակարգ
մը
ամրապէս
կաղապարուած,
օրինական
զրահանքով
մը,
դիւաններով
եւ
պաշտօնէութեամբ:
Փաստաբաններ
էին
կեդրոնները
այս
կազմակերպութեան,
իրենց
արհեստը
ի
գործ
դնող`
անուանակի,
պահելով
խանութ,
բայց
ապրելով
իշխանի
բարքերով:
Այս
կարգին
հասկացողութիւնը
դժուար
էր
մարդոց
համար,
ռէժիմէն
առաջ,
ուր
թուրքը
զինուոր
էր,
ու
կ՚ապրէր
յայտ
աւազակութեամբ,
կրօնական
էր
ու
կ՚ապրէր
կողոպուտին
բաժինովը:
Բարբարոս
էր,
բայց
ոչ
լրտես`
ինքը
իր
աղբօրը
դէմ:
Մեր
այս
պատմութիւնը
պիտի
խորանայ
դէպի
ընդերքը
այս
կարգին,
բայց
աւելի
ուշ:
Ատկէ
դուրս,
այդ
ռէժիմին
երկրորդ
մասնայատկութիւնն
էր
Հայկական
հալածանքը,
օտարին
համար
անգոյ
կազմակերպութիւն,
զոր
հայերը
միայն
կրնան
կաղապարել,
ապրած
ըլլալով
զայն,
փոխանակ
լսելու,
ուրիշներու
պէս:
Որոշ,
խիստ,
արդիական
մեթոտներով
այս
հալածանքին`
թուրքերը
երկու
խոշոր
նպատակ
վստահած
էին:
Ասոնցմէ
մէկն
էր
զանգուածին
մէջ
մշակումը
ոգիի
մը,
որ
տարբերէր
դարաւոր
ու
ա՛լ
ստերջ
մտայնութենէն,
-
արհամարհել,
ջարդել
անհաւա՛տը,
բայց
անգիտել
անոր
գաղտագողի
աճումը,
քանի
որ
Աստուծոյ
արդար
օրէնքէն
մէկը
անոր
վաստակը
կ՚անցնէր
ետ,
թուրքին
ամբարներուն:
-
Թողուլ,
որ
պարարտանայ
ոչխարը,
սպանդանոցին
արժանի
մարմին
բերելու:
Հին
այս
յղացքէն
թուրքերը
դժուար
էր
հեռացնել.
քանի
որ
96ի
ջարդերը
անգամ
մըն
ալ
փառաւոր
յաղթանակով
մը
ապացուցած
էին
սկզբունիքին
ճշմարտութիւնը:
Նոր
ոգին
հակառակին
կը
ձգտէր:
-
Ոչխարը
արգիլել
պարարտանալէ:
Երկրորդ
նպատակը`
պատրաստել
զանգուածը
խաղաղ
այն
ըմբռնումին,
որ
փատիշահին
երկիրները
սեփական
կ՚ընէր
փատիշահին
հարազատ
որդիներուն`
թուրք
օղլու
թուրքին:
Մինչ
այդ,
ստիպողութիւն
էր
զանազանել
խորթերէն
ամէնէն
անվնասը`
հայը:
Ու
սկսիլ
անով:
Մեր
բախտը
ուզեց,
որ
այդ
գիտութիւնը
պսակուի
մեր
իսկ
կործանումով:
-Սիկար
չունի՞ս:
-Չեմ
ծխեր:
-Կը
վարժուիս:
Սողոմը
նկատեց,
որ
բառերը
կը
հնչէին
այդ
երիտասարդին
բերնէն
շատ
կամաց:
Բա՛ն
մը,
կտրուած
ու
հատած,
ամբողջանալէ
վախցող,
ու
պաշտպանուած
կարծես
հազէ
մը,
որ
կ՚ուրուագրուէր,
բայց
չէր
յաջողեր
կաղապարուիլ
անոր
խռչակն
ի
վեր:
Մանաւանդ
ձա՛յնը,
որ
բարակ
էր,
հազիւ
առնելով
առնական
ծագում
մը:
Դիտեց,
որ
առատ
էին
պեխերը,
ու
սեւ
ալ:
Այտոսկրներուն`
մօրուքի
խաւ
մը,
որ
կ՚աղօտէր
մոյնքին
ընդհանուր
տժգունութեանը
մէջ:
Ու
հզօր
հակապատկերը
առնական
այդ
դէմքին
ու
նուաղ
ձայնին
մէջտեղը,
կ՚ամրանար
պեխի
եւ
մօրուքի
այս
հակադրութեամբը:
Սողոմը
դեռ
անծանօթ
էր
նկուղներու
պարգեւ
այն
հիւծումին,
որ
մարմինները
կը
գունատէ,
բայց
չի
մոռնար
հոգին
ալ,
քիչ-քիչ
իր
դեղնումին,
ժանգին
տակ
ձգելով
ասոր
արտայայտման
գլխաւոր
միջոցները.
աչքին
հայեացքը
եւ
ձայնին
ասեղը`
ամէնէն
շատ:
Մաշած,
մաշած,
ա՛լ
հալելու
մաս
չունեցող,
ու
իր
պարզագոյն
ձեւին
իջած,
կաշի`
մարմին`
հոգի`
նոյն
բաներն
են
ասոնք:
Երբեմն
որդը
կը
բանի
ներսէն
ու
ինքիրեն
ալիւրի
կը
վերածէ
մագաղաթը:
Երբեմն
նեարդները
կը
դիմանան
ու
կ՚արհամարհեն
դարերը:
Այդ
հատած
մարդերը
կը
մեռնին
իրենք
իրենց
հանգող
մոմին
նման,
կամ
գերագոյն
պրկումով
մը
կը
փետտեն
իրենց
կապերը
եւ
կ՚արձակեն
իրենց
մէջ
թաքնուած
գազանը,
անլուր
վսեմութեան
մը
մէջ
ապշահար
ընելով
իրենց
դահիճներն
անգամ:
-Որտեղացի
ես:
-Ս…
Երիտասարդը
տաքցաւ:
Ծունկերուն
վրայ
ուղտաձեւ
նստիլ
մը
ապացոյցն
էր
ատոր:
Անոր
մէջքէն
ինքնաբեր
դուրս
ինկաւ
թիզ
մը
հասակով
քառանկիւն
տուփ
մը:
Մետաքսի
պէս
բարակ
կտրուած
ծխախոտը
ուշագրաւ
էր:
-Կը
ճանչնա՞ս:
-Ի՞նչը:
Երկրարեց
տուփը:
Սողոմը
առաւ
ափին
մէջ
խոտը
ու
լեցուեցան
աչքերը:
-Ինչո՞ւ
կու
լաս:
-Մեռած
է:
-Ո՞վ:
-Դելոնը:
-Հէ՜յ
վախ:
Տժգոյն
երիտասարդը
կը
ճանչնար
Ս.
գեղին
մաքսանենգը,
երբ
բանտ
իյնալէ
առաջ
պտըտեր
էր
անոնց
լեռները
իբր
ասպատակ:
-Իրա՞ւ
կ՚ըսես:
Սողոմը
չպատասխանեց:
Տժգոյն
երիտասարդը
վերցուց
Ազգային
հիւանդանոցի
տետրակիկէն
սիկարի
թուղթ
մը,
մտամոլոր
ու
տրտում:
Կը
գանգատէր
սիկարը
կազմելու:
Անոր
մտքին
խուժած
էին
տեսարաններ
ասպատակային
օրերէն
ու
խիտ,
աղուոր,
շինուած
պարտէզի
պէս
շնորհալի
անտառները
այդ
գեղին:
Դրած
էր
տուփը
մէջքին:
Անոր
վրայ
ամէն
շարժում
ունէր
մասնաւոր
կնիք
մը,
նոր
եւ
ուշագրաւ,
տարբեր`
դուրսի
մարդոց
մօտ
Սողոմին
տեսածներէն:
-Կը
ճանչնա՞ս…
Չկրցաւ
ամբողջացնել:
Ծածկոյթի
մը
գլխու
նմանող
բան
մը
կը
բարձրանար:
Զգուշութիւնը,
վախը
յաղթած
էին
հետաքրքրութեան:
Որքան
ալ
մտերմացած
իր
ընկերներուն,
անիկա
կնիքին
տակն
էր
իր
ցեղին,
որ
արձակ`
ինչպէս
ոչ-արձակ
աշխարհին
մէջ
կ՚անցընէր
իր
պատմութեան
մռայլ
աղջամուղջներէն
մէկը:
Տժգոյն
երիտասարդը,
իր
խումբին
հետ
տարիներ
առաջ
եղեր
էր
Սողոմենց
գեղը,
պարէնաւորուելով
հաստատ
ու
մոլեռանդ
զինագործէ
մը,
որուն
համբաւն
ու
մականունը
իջած
էին
մինչեւ
քաղաք,
արիւնի
օրերուն,
իբր
ձուլի՜չը
նոր
թնդանօթի:
Ի՜նչ
դիւրին
կը
շինէ
ամբոխը
իր
ուզածները:
Մութը
անկարելի
կը
դարձնէր
շարժուձեւին
եւ
դիմախաղին
արտայայտութիւնը:
Սողոմը
հարցուց.
-Որո՞ւ
վրայ
կը
խօսիս:
-Հէչ,
-
աւելցուց
անիկա
հանդարտ,
մատերը
անցընելով,
կնիքի
նման,
պեխերուն
փունջէն:
Խորհրդանշական
այս
շարժումը
կը
փակէր
«մինչեւ
զգալուստն
Քրիստոսի»
անոր
բերանը,
ինչպէս
ըրած
էր
ատենին,
մեծադղորդ
իր
դատավարութեան
ընթացքին,
մերժելով
պատասխանել
քոմիթային
վրայ,
մեռնիլը
աչքն
առած,
հարցաքննութեան
գաղտնի
մասին
մէջ,
երբ
սուր
գամերը
կը
մխէին
եղունգներուն
եւ
միսին
մէջտեղը:
Ահագին
հազով
մը
մէկը
ցատկած
էր
ծածկոյթին
տակէն:
Լոյսը
անբաւական
էր
ամբողջովին
տեսանելի
ընելու
անոր
աչքերուն
դժնդակ
ու
կարմիր
ցցունքը,
որով
ներքին,
շունչի
տագնապին
տակ
կ՚ուռին
ակնակապիճները,
ըլլալով
գունտ-գունտ,
մէկ
կէտէ
փտած
խաղողի
հատիկներուն
նման,
տգեղ
ու
վիրաւոր:
Ու
կոկորդի
փոխարէն,
կոտրած
մեքենայի
մօտ
բան
մը,
որ
ուզէր
սուլել
ու
չկրնար:
Նստաւ
ծունկերուն,
նամազի
պատրաստուող
մարդու
մը
դիրքով,
կռնակը
կիսովին
կամարած,
իրանին
բեռը
վստահելով
իր
բազուկներուն,
որոնք
կը
կենային
ծունկերուն
վրայ,
ամրապինդ
ու
խիստ,
թեթեւացնելու
համար
ճնշումը,
որ
թոքերէն
կը
բխէր,
ինչպէս
շոգելից,
բայց
ելքէ
զուրկ
կաթսայէ
մը:
Հազալու
այս
ձեւը
ծանօթ
էր
Սողոմին,
իր
գեղէն,
քար-կոփ
վարպետ
Գրիգորին
վրայ,
որ
երդում
էր
ըրած
ջուր
չխմած
իջնել
գերեզման
ու
օղին
տոլով
ժուռ
կ՚ածէր
գործին:
Օր
մը
ճաթիլը
յանձն
առեր
էր
վարպետ
Գրիգորը,
բայց
մինչեւ
այդ,
վարժութիւններ
էր
ստացեր,
նոպան
հեռուներէն
զգալու:
Պզտիկ
կճուճ
մը,
խռչակին
վարերէն:
Ու
անիկա
կը
նետէր
մուրճը
ձեռքէն,
կը
տեղաւորէր
մարմինը
կակուղ
աւազին,
տաշած
քարերէն
դիզուած,
եւ
կը
սկսէր
իր
հազը,
պուկ-պուկ,
մէկ,
երկուք,
երեք…
մինչեւ
յիսուն,
կարմրելով
բանջարի
նման,
բայց
դիմանալով:
Յետոյ
կը
հանգչէր,
բայց
քայքայուած,
արտասուալից
ու
վրան
միզած:
Տարօրինակ
էր,
որ
հազը
խոշորնար
հոս:
Սողոմը
դեռ
լաւ
չէր
զննած
կամարը:
Կանթեղին
ուղղակի
ճակատին,
հազացողը
միշտ
կամարած,
տարաւ
մէկ
ձեռքը
դէպի
բերանը,
պաշտպանել
ուզելով
բան
մը,
որ
կը
պատրաստուէր
թռչելու
բերանէն:
Մարմինը
ամբողջ
հազին
հետ
կը
նետուէր
առաջ
ու
կը
մնար
իր
կեցուածքին
մէջ
առկախ,
քիթովը
վեր,
պակսող
շունչին
ետեւէն,
լարուած,
ու
անհնարին
անձուկով:
Ու
կար
խժուքը,
խոշոր,
պճպճուն,
խոնաւ
ու
տոժկացող,
նման
հսկայական
սղոցումի,
որ
անոր
կուրծքը
տարօրինակ
փքոցի
կը
վերածէր,
անտես
բզզիւնի
մը
համար
լարելով
դէպի
ուսոսկրները
տակառաձեւ
ուռած
վանդակը
անոր
կուրծքին:
Ամէն
մէկ
ցնցումի
հետ,
իբր
արձագանգ
մը,
չափ
մը`
շղթան
կը
պոռար
իր
կիսատ
ճիչը,
էգ
ու
խոնաւ:
Պատերը
խուլ
բանով
մը
անդրադարձած,
սանկ
բաղնիքի
մը
կամարէն
թափած
երկարուն
հեւքին
մօտ,
որ
հնչումը
կ՚եղծէ:
Պատռտուող
սիրտը
ձրի
բացատրութիւն
մը
չէ:
Նոյն
ատեն,
կամացուկ,
իբր
ստուեր
մը,
անոր
քով
բուսաւ
ուրիշ
մը,
այնքան
գունատ,
որ
մութը
բացուեցաւ
քիչ
մը,
դէմքին
կաղապարովը:
Տարաւ
ասիկա
ձեռքը
հազացողին
ճակտին,
միւսովը,
մութ
խորէն
-
բարձ
ըլլալու
էր
-
քաշեց
սրուակ
մը
ու
դրաւ
անոր
քիթին:
Նոպան
թեթեւցաւ
մէկէն:
Հազը
կը
զատուէր,
կը
հատիկնար,
մօտենալով
իր
միջին
կշռոյթին:
Մինչեւ
բնական
իր
շնչառութեան
դարձը,
սրուակը
կու
գար
ու
կ՚երթար
անոր
քիթէն:
Սողոմը
տարուած
էր
տեսարանով:
Ու
փոխն
ի
փոխ
իր
մտքին
խորը
կը
դիտէր
վարպետ
Գրիգորը,
որ
հազէն
յետոյ
կ՚երկարէր
տոլին
ու
պարունակութիւնը
«անպակ»
(անապակ)
ջուր`
կը
պարպէր
կոկորդին,
խղդելու
համար
հազին
բզէզը
խռչակէն
վար:
Ատ
կրակ
ջուրին
մէջ
կը
տաղէր
անիկա
մարմինը
շանզաւակ
հազին,
միւս
ձեռքով
զարնելով
մուրճը
մարմարին,
գոհ,
ուրախ`
սիրելով
ճերմակ
ու
հաստ
այդ
բեհե՜զը,
որ
վերջին
զգեստը
պիտի
ըլլար
բոլոր
ամբարիշտ
հարուստներուն,
գեղանի
տիկիններուն,
երբ
քաշէին
ասոնք
հողին
վերմակը
իրենց
վրայ:
Կա՞ր
ուրեմն
այդ
կեանքն
ալ,
ասկէ
առաջ,
Աստըծոյ
լայն
արեւին
տակ,
հողին
ու
կանանչին
մէջ
ձգուած
թանկագին
խաղալի՜ք,
որուն
արժէքը
մարդիկ
ճիշդ
կը
զգան
հոգեվարքի
մը
մահիճին
կամ
ցմահ
բերդարգելութեան
սա
նկուղներէն:
Ու
կը
բացուէր
անոր
մէջ
մեռելոցներու
Երկուշաբթին,
գարնանագեղ
ու
խատուտիկ,
թափօրովը
իր
հարսներուն,
պարողներուն,
մրգեղէն
ծախողներուն:
Ու
ան
միւս
պատկերները,
բոլորն
ալ
այս
գերեզմանէն,
երբ
իր
քաղցր
ձայնով
մեռած
հարսնուկը
կամ
ճիւան
երիտասարդը
ճամբայ
կը
հանէր
դէպի
անդենականը,
խոր
ու
տաք
փողի
մը
նման
ճեղքելով
կարծես
հողին
ընդերքը:
…Յանկած
զգաց,
որ
սիրտը
հատաւ,
ինչպէս
կ՚ըլլար
ատիկա,
երբ
արցունքը
ողողէր
անոր
ձայնին
ճամբաները
ու
շունչը
կտրէր:
Հո՞ս:
Մեռե՞լը:
Բայց
ինչպէ՛ս
խորհէր
ոգին
պակասին:
Յետո՜յ:
Ո՞ր
շանզաւակ
օրէնքով
անոր
միտքը
թաղուած
հարսներուն
պատկերէն
ինկած
էր
Նալպանտենց
հարսին:
Ու
անգթութի՜ւնը
աշխարհին
օրէնքներուն:
-
Անոնց`
որոնցմով
չէր
կրնար
տեսնել
վիրաւոր,
թերեւս
հիմա
մեռած
մարմինը
իր
նշանածին,
ինչպէս
չտեսաւ
ոտքին
անշունչ
ինկած
դիակը
իր
սրտառուչ
քրոջը:
Հինգ
վայրկեան
յետոյ,
ութ
հոգի
նստած
էին`
եթէ
կարելի
է
այսպէս
կոչել
կիսաձեւերը
մութէն
յառնող
սա
մարդոց:
Ոչ
մէկը
անոնց
չէր
խախտած
իր
կիսանդրին,
որ
կը
թուէր
պատէն
բխած,
անոր
վրայ
բարձրաքանդակ,
ոտքերուն`
ծածկոյթները
ծալ-ծալ,
բայց
ծխափողերը
ծխնելոյզի
պէս
բռնկցուցած:
Յատկանշական
էր,
որ
ամէն
րոպե
հազ
մը
պայթէր,
խոշոր
ու
կլոր,
աս
ու
ան
կէտէն,
երկարելով,
վերածուելու
համար
յուսահատ
ու
դժբախտ
բացագանչութեան
մը:
Խռպոտ
ու
գէջ
այդ
ձայները
նման
էին
իրարու,
ու
մօտ`
ընդհանուր
եղանակի
մը:
Մշտապէս
խոնաւ
ու
դժուար
նորոգուող
օդը,
տարուէ
տարի
իր
ժանգին
խաւը
կ՚ամրացնէր
այդ
խռչակներէն
վար
ու
վեր:
Ձէթէ
կանթեղը
շուտով
պաշարուեցաւ
մուխէն,
ան
ալ
տարտամ
ու
տժգոյն:
Ալիք-ալիք,
քովնտի
սողալէն,
քմայական
տզրուկներու
նման
ծուխի
շերտեր,
ամէն
թանձրութեամբ
կը
խուժէին
դէպի
փոքրիկ
կալը
կանթեղին,
որ
ըսես
կը
նահանջէր
դողալէն
ու
նիհար,
ճիգ
ընելով
ինքզինքը
կանգուն
պահելու
ապակի
բաժակին
շրթներուն:
Բայց
ճառագայթները
կը
խեղդուէին
թուլիկ
այդ
փրփուրին
մէջ
ու
պատրոյգը,
կրակի
կտոր
մըն
էր,
առանց
բոցի,
բռնուած`
կարմրորակ
գունտի
մը
կեդրոնէն:
Խոտին
շատ
ուժգին
բոյրը
կը
կճէր
Սողոմին
անվարժ
կոկորդը,
հազալ
ստիպելով
անդադար,
տառապագին
հա՛րկ,
քանի
որ
իր
վէրքերը
կ՚ազդուէին
ցնցումէն:
Անոր
այնպէս
կու
գար,
որ
օտար
մէկը
տեղաւորուած
է
խռչակին
խորը
ու
ցախաւելով
մը
անդադար
կը
խառնէ:
Հատ-հատ,
խոշոր-խոշոր
այդ
հազը
անակնկալի
չբերաւ
նկուղին
բնակիչները,
որոնք
թեթեւ
իրենց
խնդուքովը
ողջունեցին
նորեկ
հազը:
-Բարի
ըլլայ
գալդ,
ընկե՛ր:
Եօթն
ալ
առանձին-առանձին,
իրենց
ձեռքերը
տանելով
իրենց
կուրծքին,
ըրին
դասական
մաղթանքը
դաշտերու
թուրքին,
պաշտօնական
մէրհապան,
որ
զերծ
է
իսլամական
բարեւին
վտանգէն
ու
անտեղութիւններէն,
խտիր
չճանչնալուն
«հրեայի
ու
հեթանոսի»
մէջ:
Քաղցր
ու
խորապէս
խաղաղ
այդ
ողջո՜յնը,
որուն
համը
երկիր
մը
կ՚արժէ,
երբ
կը
բուսնի
աղբիւրի
մը
գլխուն,
քաղցր
ու
խորապէս
խաղաղ
մարդոց
բերանէն:
Ու
կան
այդ
մարդերը,
աշխարհին
ամէնէն
արիւնամած
այդ
մարզին
մէջ,
որոնք
վաստակէ
յոգնած,
սիկար
մը
կ՚ոլորեն,
իրենց
խղճմտանքին
առանձնութեան
եւ
բարութեան
մէջ,
ա՛յն
խղճմտանքին,
ուրկէ
վերցած
են,
պահի
մը
համար,
կանանչ
ճահիճը
ու
կարմիր
մշուշը
ցեղային
ատելութեան:
Սողոմը,
ձայնի
հանդէպ
բացառիկ
իր
ընկալչութեամբ,
գտաւ
շեշտի
հանգիտութիւնը,
որով
սա
մարդերը
կը
նոյնանային
այն
միւսներուն,
բարի-բարի
միւսլիւմաններ
ասոնք
բոլորն
ալ,
երբ
կը
բանային
իրենց
եղին
գուբերը
եւ
առանց
անունը
իսկ
հարցնելու
կարօտ
չորպաճիին
կը
ձգէին,
որ
իր
ձեռքովը
լեցնէ
ձէթը
ու
տանի
տղոցը:
Կամ
ամբարը
կը
բանային
դրացինին
պարկին,
հազիւ
նայուածք
մը
նետելով
հացակարօտ
կեավուրին:
Լուսինէն
չէ,
որ
կը
խօսիմ:
Ես
աչքովս
եմ
տեսեր:
Կային
այս
բարքերը
մինչեւ
բռնապետութեան
կէսերը:
Թուրք
գեղացին
հարամ
կը
սեպէր
վախը,
ինչպէս
մեղք`
դուռ
գոցելը
դիմողին
երեսին:
Հաստատուած
ըլլալով
հողերու
ամէնէն
գէրերուն
ու
ջուրերու
ամէնէն
չցամքողներուն
ափին,
այդ
գեղերը
իրենց
50էն
հարիւրով
տուներով,
հինգ
անգամ
աւելի
գետին
ունէին
իրենց
ապրուստին
համար,
քան
իրենց
տասը,
քսան
անգամը
տուն
համրող
հայ
գեղերը:
Ու
նոյն
դաշտի
երաշտ
ու
նիհար
մասերուն
կառչած
մեր
գեղերը,
չունեցած
տարին,
կը
կրէին
անոնց
ամբարներէն
ցորենն
ու
գարին,
առանց
թուղթի,
առանց
վկայով
կնքաւոր
մուրհակի,
առանց
տոկոսի,
փո՛խ,
Աստուծոյ
անունովը:
Բայց
չէին
տակ
մնար:
Գլխուն
գդակը
ծախելը
բացատրութիւն
մըն
է`
հնարուած
այդ
պարտքերը
վճարելու
պէտքին
համար:
Ու
կը
ծախէր
մեր
գեղացին
ու
կը
հատուցանէր
իր
պարտքը:
Թուրքը
-
միշտ
գեղացին
ունիմ
հոս
նկատի
-
կեանքին
ու
իր
ելեւէջներուն
հանդէպ
կը
տրամադրէր
ինքզինքը
այսքան
պարզ
ու
բարձր:
Այս`
հողէն
ծնած,
անով
պաշտպանուած,
անոր
ենթակայ
դրացնութիւնը
վերածելու
համար
այն
ահաւոր
ատելութեան,
որ
բռնապետութեան
վերջին
շրջանին
ա՛լ
նկարագիրը
դարձաւ
բոլոր
թուրքերուն,
սոփեստութիւն
է,
ինչպէս
ուզեցին
ընել,
պատասխանատու
բռնել
մեր
Յեղափոխութիւնը:
Թուրքերը
կ՚արդիանային,
այսինքն`
քիչ-քիչ
կ՚ազատուէին
կրօնական
հասարակութեան
իրենց
կարգուսարքէն:
Պետական
ժորովուրդ
չէին
եղած
անոնք,
ընդարձակ
իրենց
կայսրութեան
մէջ,
կղզիացած
ու
կրօնական
ատելութեան
մը
շրջափակին
մէջ,
արհամարհող
իրենցմէ
դուրս
արժէքներ:
Համիտի
ռէժիմին
վարժարանները
փոխեցին
իշխող
տարրին
ըմբռնողութիւնը:
Արդիանալ,
բայց
չմոռնալով
ոչ
իսկ
նշանախեց
մը
իրենց
անցեալէն:
Ու
հաւատարիմ
եղան
անոնք
այդ
ցուցմունքին:
Երեք-չորս
դարու
իրենց
քաղաքակրթութիւնը
արիւնի
դարպաս
մըն
է
առաւելապէս:
Տասնիններորդ
դարուն,
քանի
մը
բիւրեղացումներ
չկրցան
յեղաշրջել
հոգեկան
շերտաւորումը:
Թուրքերը
հիմա
կը
պարծենան,
թէ
ջնջած
են
օսմանեան
կայսրութիւնը
ու
չեն
խորհիր,
թէ
ատանկ
բառ
մը
միայն
ունէր
գոյութիւն,
ո՛չ
թէ
շօշափելի
իրականութիւն
մը:
Եթէ
քանի
մը
տասնեակ
փաշաներն
ու
էֆէնտիները
ունին
նկատի,
որոնք
հայ
անունով
ծառայեցին
իրենց,
այսինքն`
իրենց
ցեղին
վատնուելիք
կորովն
ու
զոհողութիւնը
ի
սպաս
դրին
թուրք
դատին,
չեն
կրնար
արդարացնել
ատոնց
հակադարձ
անհուն
զուլումը,
որ
դարպաս
մըն
էր
այդ
մուրացիկ
փառքերուն:
Պոլսոյ
մէջ
նրբենի
հայ
փաշայի
մը
իւրաքանչիւր
պատուանշանը
գինն
էր
քանդուած
գեղի
մեր
հայրենիքէն:
Ու
քանդումը
հոս
քաղաքական
դրութիւնն
է,
տասնիններորդ
դարու
ամէնէն
զօրաւոր
իմացական
ցայտքը,
-
ազգայնութեանց
ոգին:
Ու
մեր
ժողովուրդը
եղաւ
գետինը
ու
թուրքերուն
բնազդները
եւ
մեր
ժամանակի
սկզբունքները
արձակ
ասպարէզ
գտան:
1908ին
մէկ
հատիկ
իսկ
թուրք
կարելի
չէր
գտնել,
որ
տարբեր
խորհէր,
մեզի
նկատմամբ,
իտալացի
պետական
մարդէ
մը,
Քավուրէն,
իր
հայրենիքին
նկատմամբ:
915ին
այդ
ջնարակուած
ատելութիւնը
անոնց
համար
սրբազան
շաղախ
մը
եղաւ:
Անոնք
պատերազմը
հանդուրժեցին
նախատօնակ
այդ
ներարկումով:
Պղինձ
ամանի
մը
յատակին,
զարկերու
ամուր
շարք
մը
ողողեց
նկուղը,
հեռուներէն:
Կարելի
էր,
սուր
ականջով
մը,
հետեւիլ
ձայնի
անտես
ալիքին,
որ
կը
թափանցէր
գառագեղէն:
Կը
զարնուէր
պատերուն
ու
կը
դառնար
ետ-ետ,
դիմաւորուելով
ուրիշ
ալիքներէ:
Սողոմը
յիշեց
ձայնի
այն
խաղերը,
որոնց
վրայ
զարմացած
էր,
երբ
պատահմամբ
իջեր
էր
Նիկիոյ
աւերակներէն
ներս,
կամարակապ
սրահի
մը
մէջ:
Հոս
ալ,
ինչպէս
հոն,
ձայնի
այս
կոծումը
պատճառ
կ՚ըլար
մռայլ
անձուկի
մը,
մութէն
գոյաւոր,
վրդովիչ
ու
տխուր,
այս
փակումէն,
ընդերկրացումէն
առնելով
եղերական
համ
մը:
Թանձր
պատերու
երեսին
անոր
մլաւիւնը
աղբիւրի
մը
ալեակներուն
նման
կ՚իյնար
կտոր-կտոր,
չարագուշակ
ու
անվախճան:
Անկապաշտ
բանաստեղծ
մը
պիտի
ըսէր`
մարդոց
պէս
գերի,
տաժանակիր
աշխատութեան
դատապարտուած:
Ու
աւելի
սեւը`
այս
ձայներուն
խուլ
երկարումն
իր
հոգիէն
ներս,
հոն
հանելով
սողոսկուն,
կրծող
զգայութիւններ:
Ելան
ոտքի:
Ծալեր
էին
ծածկոյթները,
մարեր`
ծխափողերը:
Կը
սպասէին
վանդակին
բացուելուն:
Բոլորն
ալ
կը
կրէին
միօրինակ
շղթաներ,
տեսակ
մը
յաւելեալ
սրունք
կամ
բազուկ:
Սողոմը
դիտեց,
որ
ոչ
ոք
ուսը
կը
փախցնէր
երկաթին
բեռէն:
Նոյնպէս`
ոչ
մէկը
մատները
մօտը
կը
պահէր
շղթային`
անոր
հաւանական
խուժումը
արգիլելու
համար
քալուածքէն
ներս:
Հիանալի
էին
այդ
մարդիկը,
երկաթ
կառավարելու
իրենց
պաղարիւն
գիտութեամբը:
Յետոյ
լռեցին
պղինձ
ամանները:
Ու
մռայլ
փեթակին
մէջ
բան
մը,
կոծկոծուն
ու
պաղ,
գնաց
ինկաւ:
Անմիջապէս
յետոյ`
ժանգոտ
ձայներ:
Անոնց
աղբիւրին
անտես
մնալը
պատճառ
էր,
որ
խորանային:
-Մեծ
դուռն
է:
Ըսողն
էր
խորահազ
դատապարտեալը:
Սողոմը,
դուրս
ելլելէն
յետոյ,
պիտի
զարմանար
այդ
դրա՜ն,
-
կարծես
Նիկիոյ
աւերակներէն
վերցուած
ու
հոդ
բերուած:
Երկա՞թ,
փա՞յտ:
Ո՛րն
ալ
ըլլար,
անոր
մարմինը
ժանգով
պիսակուած,
գամի
գլուխներու
կռուան
մըն
էր
ու
երեք
մարդու
հասակ
կը
կտրէր
պատին
քարերէն:
Անով
կը
զատուէր
բանտին
այս
բաժինը
միւսներէն:
Տանթէ
մը
պէտք
է
ըլլալ,
լրիւ
տալու
համար
մարդասպաններու
սա
բաժինին
մուտքը,
իր
բարբարոս
դուռին
դանդաղ,
աննահանջ
սարսափով:
Ծանր,
շատ
ծանր
ճզրտուք
մը
մութին
վրայ
մեծ
ճպոտէ
մը
զարնուած,
համաչափ,
խղդող
ու
սիրտին
լարերուն
ազդող
այնպէս
սուր,
ինչպէս
ապակիի
մը
վրայ
քսքսուած
դանակի
սայր
մը:
Այդ
ճզրտուքը
մազերը
փուշ-փուշ
դիզեց
Սողոմին
մարմինէն:
Ու
մինակը
բաւ
էր
մարդը
բերելու
ետ
եօթը
օրուան
քունէ
մը:
Անմիջապէս
յետոյ,
փեղկեր,
հատ-հատ
բացուելով,
անփոյթ
զինուորներու
ձեռքէն,
որոնք
վանդակէն
դուրս
ու
պատէն
ներս
կը
ձայնէին,
կը
թքնէին,
կը
հայհոյէին,
իրենց
հայրենի
գեղերուն
ընտանութիւնը
պտըտցնելով
նրբանցքներէն,
ցանկալի՜,
որովհետեւ
ազատ:
Շատ
ալ
հեռու
չեն
իրարմէ
հոգիները
պահակին
ու
բերդարգելին:
Փեղկերու
հաւաքումը
երեւան
բերաւ
պատուհաններու
շարք
մը,
բոլորն
ալ
գառագեղուած`
բազկի
հաստութեամբ
երկաթ
ձողերով:
Այդ
պատուհանները
դուռներ
էին,
գետինէն
մինչեւ
վերնայարկի
կամարը
հասնող:
Ու
անոնց
ընդարձակութիւնը
խոտոր
կը
համեմատէր
իրենց
փորին
մէջ
ձեւուած
ուրիշ
փոքր
դռնակներու,
անոնք
ալ
երկաթ
ու
ձողով,
մէկ
անգամէն
մէկ
հոգիի
միայն
անցք
տուող:
Վանդակ
այդ
գիծէն
անդին,
պարապ
մը`
անշուշտ
վերէն
երկինքով
մը,
բայց
այնքան
հեռու,
որ
չէր
յաջողուեր
իբր
այդ
արձագանգել
ու
մեղմել
քիչ
մը
խուլ
այդ
զգայութիւնը,
որով
կ՚այցուի
մարդ,
մտքին
մէջ
ակամայ
տեղ
տալով
վախի
մը,
շէնքին
մէջ
ողջ-ողջ
հիւսուած
ըլլալու:
Բանտին
մասնաւոր
տպաւորութիւններէն
մէկն
է
ասիկա:
Ու
թուրքերու
բանտին,
երբ
915ին
պարզ
ախոռները
փայտահիւս
իրենց
յարդանոցներով
բաւ
եղան
մահուան
հետ
հոմանիշ
դառնալու:
Բնական
պայմաններու
մէջ,
սենեակներու
այս
կերպ
դասաւորում
մը
բանտին
ամէնէն
դաժան
պարգեւն
է
նորեկին,
որ
քանի
մը
օր
առաջ
աշխարհ
մը
ունէր
ներբանին
ներքեւ:
Այդ
պատուհան-դուռներէն
դուրս,
դիմացօք
կը
շաունակուէր
թրքական
պատը,
դաժանէն
շատ
վեր
բանով
մը
շաղախուած:
Հին
շէնքերուն
ակռայ-ակռայ
կարմիր
հիւսքը
չէ
ատիկա,
որով
կանխող
քաղաքակրթութեան
նկարագիրը
կը
ճշդուի
դեռ
աւերակներէն:
Ասիկա
ողջ
ու
զարհուրելի
խոցոտումն
է
սեւ
ծեփին:
Կարծես
այդ
խոցերը
նոր
են
փրցուած
կոկորդիլոսի
կռնակէն
ու
հոդ
բերուած,
գամելու,
աչք-աչք,
չարաշուք
ոճով
մը,
որուն
հանդիպումը
կ՚ընեն
Արեւելք
այցելողները,
թաղամիջեան
մզկիթներու
բորբոսած
պատերէն,
քանի
մը
հարիւրամ
կեանքով
ու
խել
մը
սարսափներով,
որոնք
հանգուցուած
են
ամէն
մէկ
քարի:
Անցէք
այդպէս
յօրինուած
դամբարանի
մը
մօտէն
ու
ձեր
հոգին
պիտի
սեղմուի
ակամայ,
առանց
մուտքի
տուած
գիրերուն,
շիշերուն,
սլաքներուն,
որոնք
այնքան
վայրագ
ստուգութեամբ
մը
կը
լրացնեն
այդ
պղծուած
կորութիւններուն
դժնէ
սոսկումը:
Ո՞ր
ճարտարապետութիւնը
քարերը
ըրած
է
այդքան
պաղ,
այդքան
խռուագիծ,
այդքան
մոնկոլատիպ
շաղախին
մէջէն
այդքան
կորտան,
որպէսզի
սառեցնեն
անոնք
դիտողը,
այսքան
հեռուէն:
Նախնական
մզկիթէ
մը,
կեղեւի
այս
տպաւորութիւնը`
ծորելու
համար
ի՞նչ
ալքերէ
կ՚օգտուի,
կարգ
մը
մարդոց
մէջ:
Ատիկա
պատմութիւնը
կը
ճշդէ:
Իրարու
մէջ
անցած
այդ
բիւրաւոր
աչքերը
սեւ
շաղախի
մէջ
հանգրիճուած
յօնքերով
կու
լային
կարծես,
անդադար,
թէ՛
հոդ,
թէ՛
դուրսը,
քանի
որ
միշտ
թաց
բան
մը
խաւ
կը
կապէր
անոնց
երեսին:
Թա՞ց`
այդպէս
շինուած
խոնաւութեամբը,
թէ
պատահական
անձրեւի
հետեւանք:
Բայց
իրողութիւն
էր,
որ
զովութեան
չգոյութիւնը
կը
գոլանար
մինչեւ
բանտարկեալները,
դդմած
անոնց
երեսին
վրայ
պաղ-պաղ
դեղնելով
կարծես,
մսկոտ
բան
մը
քսքսելով
անոնց
անարիւն
մորթերուն,
նորոգելով
անոնց
թոքերուն
ծուխով
մուր
կապած
ճամբաները:
Գորշ
պայծառութիւն
մը
նոյն
ատեն
բացած,
պարզած
էր
անոնց
բոլորին
ալ
դէմքերը,
որոնք
անիրական,
հեքիաթային
դիմակներու
կը
մօտենային,
ծուխէն
ժանգահար,
արիւնէն
ջրոտ:
Ուժէ
պարպուած
այդ
մարմինները
տեսակ
մը
թաւ
ու
վատառողջ
գէրութիւն
ալ
ունէին:
Ուռած
էին
կոպերը
գրեթէ
բոլորին:
Ու
գունաթափ,
եղկ`
անոնց
այտերը,
ուր
բան
մը`
փչուած,
դուրսէն
բռնի
հրուած
ըլլալու
տպաւորութիւնն
ալ
կ՚ամրանար
Սողոմին
աչքերուն:
Անոնց
գանկերը,
դո՛ւրս`
կրկին,
արձակ
աշխարհին
ծանօթ
պատկերէն:
Կիսագունտէն`
լերկ,
բոլորովին:
Բանտին
սափրիչը
ամէն
օր,
պաշտօնապէս
կ՚առնէր
ստեւը
այս
գանկերէն,
զանազանութիւնը
պահելու
համար
հարիւր
մէկ
տարուան
սա
դատապարտեալներուն
եւ
ուրիշներուն
մէջտեղը:
Միւս
կէտով
ալ`
խոզաստեւ,
այդ
կիսագունտերէն
կը
ցոլար
նուրբ
ու
տգեղ
սարսափ
մը,
որ
դիտողին
մէջ
կը
խորանար,
ու
պաղ,
թուրք
բան
մը
կը
ստեղծէր,
հերքելու
չափ
անոնց
ձայներուն
այլապէս
մեղմ,
անհաշիւ
բարութիւնը:
Այդ
սարսափէն
մեկնելով
գուցէ,
Սողոմը
անոնց
գանկերը
նմանցուց
թուրք
գերեզմաններու
մէջ
այն
քար
գլուխներուն,
որոնք
տապանաքարերէն
վեր
սիւները
կը
փաթթոցեն,
շիրիմներուն
հագցնելով
անքակտելի,
դժնդակ
թրքութիւն:
Ոչ
մէկ
ժողովուրդ,
մահէն
ետքն
ալ,
այդ
աստիճան
պրկում
է
դրած
իր
մեռելութեան:
Նոճիները,
բարակ
կամ
հաստ,
իրենք
ալ
կը
թրքանան
այդ
քարսիւներէն
նուաճուած:
Ո՛չ
անոնց
շրջապատ
ոսկեզօծ
վանդակները,
ո՛չ
արաբական
գիրերուն
զեռուն
պսակները
կարող
են
եղած
մեղմել
այդ
սարսափը,
որ
քաղաքի
մը
ամէնէն
կենդանի
մէկ
մասին
վրայ
կը
քարանայ
յանկարծ,
մզկիթով
մը
շրջանակուած,
պատմելով
անդարձ
բաներ,
բայց
մա՛նաւանդ
մահը`
նման
խլիրդի
մը
տեղաւորուած
փարթամ
պողոտաներու
կուշտին:
Բազմամբոխ
քաղաքներու
սիրտին
իսկ
վրայ
թրքական
գերեզմանը
խարան
մըն
է,
որ
կը
դիմանայ:
Բատարկեալները
շատոնց
վարժուած
այս
պատկերներուն`
չէին
յօժարեր
նայիլ
պատին
ուղղութեամբ:
Կիսամութին
վրայ
ձեւուած
իրենց
կոպերուն
բացուածքը
կը
սեղմէր
անոնց
հայեացքը
ու
անոնց
աչքը
կը
վերածէր
այլանդակ
կորագիծի
մը:
Սողոմը
ինչո՞ւ
այսպէս
կը
տեսնէր
թուրքերը,
ի՛նք`
որ
ամիս
առաջ
գիւղաքաղաքի
բանտին
մէջ,
սիրեր
էր
երիտասարդ
տղայ
մը,
իրմէն
քիչ
վեր
հասակով:
Յետոյ
անդրադառնար
պիտի,
որ
այդ
գլուխներուն
վրայ
ճակատի
պակասը
բաժին
ունէր
խուլ
ու
անհանգիստ
վիճակը
պատրաստելու,
մինչեւ
որ
լոյսին
հետ
ընտելացումը
միջամտէր,
լայնելով
կոպերուն
անջրպետ
գիծը,
հագցնելով
անոնց
մարդկեղէն
արձակութիւն
մը:
Եղաւ
անոնց
նայուածքը
լիրբ,
հատու,
գրգռիչ:
Մահուան
խանձ
մը
ըսես
կը
մխար
անոր
խորէն,
ընելու
չափ`
մշուշոտ,
սուտ,
սանկ
վերէն
բան
մը
անոնց
օրը,
որ
ա՛լ
իմաստէն
պարպուած
սեպաձեւ
արձակութեան
մը
նմանէր
պիտի,
անոր
պէս
խոռոչաւոր,
փորւած,
կուղպ
ու
թափուած`
պատէ
պատ
ու
սարէ
սար
ողջ
գերեզմանումին:
Նոյն
այդ
նեղութիւնը
ճակտի
անոնց
երեսին
կը
դիզէր
եօթը
դարու
անասնութիւն:
Ու
մէջքէն
կտրուած
անոնց
քիթերը,
մանր
իրենց
թումբերովը
յաճախ
դանակի
սպի
մը,
մահկաձեւ
կամ
սլաք,
անոնց
այտերը
կը
կամրջէին
դէպի
տափաստանը,
աւազը,
ամայութիւնները,
ուրկէ
հեռացած
ըլլալու
ցաւը,
զիղջը
չէին
մոռցած
դեռ:
Զգեստի
միաձեւութիւնը
հազիւ
կը
յաջողէր
մեղմել
այդ
գազանութեան
անմիջական
պոռթկումը,
առնելով
անոնցմէ
մասնակի
մռութը,
ժանիքը,
թոյնը,
որ
անհատականութեան
շաղախն
է
դրսեւորուած:
Կապոյտ
ժաքէթ,
նոյն
գոյն
տաբատ,
որոնց
վստահուած
էր
զսպումը
այս
գազանութիւններուն:
Իր
գեղին
մէջ
ոճիրը,
կը
զուգորդուէր
փարթամ
զգեստին
ու
պարթեւ
իրանին:
Հո՞ս:
Այս
բարակ
ու
խժան
մարդերուն
ձեռքէն
արիւն
վազելը
դժուար
է
գտնել:
Ու
չէր
խորհեր
սեփական
իր
մարմինին,
որ
ընկերներէն
մէկ
քանիին
քով
կը
մնար
աւելի
կիսատ:
Սեւ
գիրեր:
Փորուա՞ծ,
թէ
կտրուած`
անոնց
կռնակին:
Կրցաւ
հեգել:
Ու
թիւեր:
Շղթան`
որ
կը
յիշեցնէր
երկոտանիները:
Մէկ
քանին
իրենց
մէկ
ձեռքին
ունէին
բռնած
սեւ
շիշեր,
լեցուն
գիշերուան
մէզով:
Որ
մէկը`
խուխին
թիթեղեայ
տուփը
զետեղած
անութին,
զգոյշ
ու
տրտում:
Անոնք
կը
վարանէին
քալելու,
մոռցա՞ծ
ըլլալնուն,
թէ
մետաղէն
արգիլուելնուն,
Սողոմին
նման:
Հեշտագին
ու
մրափոտ,
հաճոյքն
ունէին
կռնակ
քսելու
հաստ
պատին
ու
քովնտի,
իրար
հրելէն
կ՚երթային
առաջ:
Խմբուած
հիմա,
լո՛ւռ,
վանդակին
առաջ:
Մինչեւ
որ
բացուէր
դուռը
նրբանցքին,
որ
կ՚երկարէր
աջ
ու
ձախ,
պահելով
չորս
մեթր
իր
լայնքը,
բայց
ընդմիջուելով
անհամար
վանդակորմներով,
որոնք
նկուղները
կը
զատէին
իրարմէ:
Անգոյ`
բայց
անվրէպ
ժամացոյց
մը
կը
վարէր
վանդակներուն
փեղկերը:
Նոյն
մեծ
նրբանցքէն
ուրիշ
դուռներ,
այս
անգամ
դէպի
բացը,
այսինքն`
բակ-տարածութիւնը:
Այդ
դուռներու
երկու
կուշտերուն,
զոյգ-զոյգ
զինուոր,
սուինները
զարկած
մաուզէրներուն,
փամփուշտները`
լիք,
բլթակը`
վեր,
պատրաստ`
կրակի,
դոյզն
շարժումի
մը
դէմ:
Այդ
պահակները
չորս
աչքով
կը
հետեւէին
ելլողներուն,
որոնք
պարտաւոր
էին
ձեռքերնին
պորտի
վրայ,
շիշերը
կամ
տուփերը
իբր
հանգոյց
գործածելով,
առանց
աչք
ու
գլուխ
վերցնելու,
անցնիլ
այդ
դուռնէն:
Դուռներուն
պահպանութիւնը
կը
կատարէին
յաղթահասակ
ու
վայրագ
արարածներ,
յատկապէս
ընտրուած`
բանակէն,
վտանգաւոր
այդ
պաշտօնին
համար:
Բանտին
ամէնէն
փորձանուտ
մարզին
վրայ,
ուր
մահը
անստոյգ,
գոնէ
ապառնի
բան
մը
անգամ
չէ,
պահակները
պաշտօնապէս
վարժուած
էին
անգթութեան:
Թերացողը
կը
պատժուէր
կրկնակի,
կա՛մ
մեռնելով
բանտարկեալին
հարուածէն,
կա՛մ
ենթարկուելով
նախատալից
ծեծի,
հրապարակային
ու
արժեզրկող:
Ամէն
փոխուող,
հերթը
առնելու
գալուն
սպառազէն
էր,
բառին
խորագոյն
իմաստով:
Հարիւրաւոր
դէպքեր
իրաւացի
կ՚ընէին
այս
խստութիւնը,
պահակները
մղելով
կանխահոգ
զգուշութեան
եւ
անողոք
հարուածի:
Տարի
չէր
անցներ,
որ
այդ
դռնապանները
չբզկտուէին
ողջ-ողջ,
իյնալով
ըսես
շանթահար`
այդ
մարդասպաններուն
ճղճիմ,
նիհար
մատներէն:
Բակին
մէջ,
տասնապետներու
առաջնորդութեամբ,
ուրիշ
դասակներ,
բոլորն
ալ
կազմուած
նման
հասակով
ու
հաստութեամբ
մարդերէ,
կը
շրջէին
աչալուրջ,
պատրաստ,
սուինաւոր,
ոմանք`
զոյգ
ատրճանակով:
Գէր
ու
կարծր
այս
դասակները
նոյն
պահանջներով
ընտրուած,
իրական
վայրագութեան
կը
հանուէին
ամէնօրեայ
գօտեմարտութեամբ
ու
կ՚ուտէին
թագաւորին
հացը`
սպաննելու
համար
անոր
օրէնքները
անսաստողները:
Ընդարձակ
գետին
մը,
այդ
բակ
ըսուածը,
բայց
գառագեղի
նման
մասերով
բաժան-բաժան:
Լայն,
ա՛յնքան`
որ
քսան-երեսուն
մարդ
կարենային
պտըտիլ,
առանց
իրար
նեղելու:
Ու
ամէն
վանդակորմ,
իր
մէկ
երեսովը
կը
յանգէր
հսկայական
պատի
մը,
որ
զօրանոցի
մը
գետնադիր
յարկը
կը
ներկայացնէր:
Բազմաթիւ
դուռներ
կը
ծակծկէին
այս
պատը,
դուռներ,
հնօրեայ,
երկու-երեք
մարդ
պահանջող,
ծխնիներուն
վրայ
դառնալու
համար,
հաւանաբար
բիւզանդական
բերդերու
մէջ
ալ
ծառայած
նոյն
պաշտօնով
եւ
որոնց
մարմինին
վրայ
մօտաւորապէս
ափի
մեծութեամբ
գամերու
գլուխներ:
Սեւ
ձիւթ
ներկին
մէջէն
տակաւին
կը
պահէին
ահաւոր
խստութիւնը
հին
յարձակումներու:
Անոնցմէ
ոմանք,
մշտապէս
գոց,
կը
պատմէին
ճակատագիրը
օր
մը
շէն,
աղմկոտ
պաշտօնատուններուն,
որոնք
ուրիշ
շրջանի
մը
լքուին
պիտի
ու
ժանգոտին,
իրենց
անկիւններուն`
դնելով
պսակը
ձագարաձեւ
ոստայններու,
ձեռքէ,
ոտքէ
հեռու
տեղերու
վրայ
դիտուած
աղտոտութիւններով:
Ուրիշներ,
խանի
մը
մուտքերը
յիշեցնող
լայնութեամբ,
ազատութեամբ:
Ու
անոնցմէ
ներս
զինուոր,
ժանտարմա,
ոստիկան,
հաշուի
չիյնալու
չափ
առատ,
անդադար
շարժումի
մէջ,
կարմիր
իրենց
ֆէսերուն
եւ
փոքր
ծոպերուն
խատուտիկ
նկարէնութեամբը,
վիրաւորելով
դռնամէջի
կիսամութը
հալելով
հեռադիր
սանդուխներուն
աշտարակաձեւ
խորքին
մէջ:
Այս
առատութիւնը
կը
ստանար
իր
լիութիւնը,
մա՛նաւանդ
առտուներուն
եւ
իրկուններուն,
երբ
բանտարկեալները
կը
հանուէին
դուրս,
սա
բակ-վանդակներուն
մէջ,
իրենց
պէտքերուն
գոհացումին:
Մրջիւնի
նման
մշտական
այս
եռուզեռը,
ելեւմուտը,
իրար
խաչաձեւող
խումբերը,
սպաներու,
հրամանատարներու,
քաղաքային
տարազով
պաշտօնեաներու
թէմէննահները,
ողջոյնները,
հայհուչները,
երբեմն
մեծաշռինդ
ապտակ
մը,
երբեմն
անասնային
գոռոց
մը,
ըսես
յատկապէս
կարգադրուած,
տեսարանուած
բակին
վրայ
սաւառնումի
կը
հանէին
ջղայնութեան,
մղձուկի
անմոռանալի
ոլորտ
մը,
ուր
ոճիրն
ու
մահը
ոգեկան
հիւսուած
մը,
կամուրջ-գօտի
մը
կ՚երկարէին
իրարու,
ա՛յնքան`
որ
պտըտողը
կ՚առնուէր
այդ
սրտնեղութեան
մէջ,
ակամայ:
Գուցէ
այդ
է
պատճառը,
որ
բանտային
ըմբոստութիւնները
տեղի
ունենային
ամէնէն
շատ
այդ
վանդակներուն
մէջ:
Պատահած
են
այդ
կարգի
դէպքեր,
որոնց
ընթացքին,
ակընթարթի
մէջ,
պահակները
զինաթափուած
են,
առանց
որ
զօրանոցը
ատեն
գտնէր
միջամտելու:
Դիմադրող
ամէն
պահակ
սպաննուած
է
վայրկենապէս:
Այսպէս
զինուած`
ըմբոստները
կրակի
բռնած
են
զօրանոցին
դուռները,
պատուհանները,
երբեմն
ամբողջ
ժամ
մը,
մինչեւ
որ
զօրանոցին
վերի
յարկերէն
անխնայ
համազարկ
մը
աւլէր
ըմբոստները,
զանոնք
քշելով
ներս,
զնտանները,
ուր
անօթութիւնը
կը
զգետնէր
զանոնք
ու
կը
ստիպէր,
հին
օրէնքի
մը
հիմով,
ընդունիլ
պատուհասումը,
թիւին
ձայնովը:
Թուրքերը
ըմբոստութիւն
զսպելու
մէջ
իրենց
հաւասարը
չունին
ուրիշ
ժողովուրդներու
մէջ:
Իրենց
համազգիները
զերծ
չեն
այս
կատաղութեան
ժանիքէն:
Թղթատեցէք
սուլթաններուն
տարեգիրքերը:
Քանի՞
հատ
են
անոնք,
որոնք
օրհասին
տուին
իրենց
հոգին,
ոչ
թէ
դահիճին:
Ծանր
յանցանքներով
դատապարտուածները,
ենթակայ`
բացառիկ
հսկողութեան,
բանտին
զանազան
բաժիններուն
կու
տային
զանազան
նկարագիրներ:
Ոճիրին
տեսակը,
դատավարութեան
մերկացումները,
յանցաւորին
մարմինն
ու
արիւնին
մէջ
ցոյց
տուած
կեցուածքը
կ՚անդրադառնային
նկուղներուն:
Ու
տակաւին
պէտք
չէ
մոռնալ
քաղաքը,
գեղը,
լեռները,
որոնք
մեծցուցած
են
այս
ստորաշխարհին
բնակիչները,
մեծ
նահանջէն
առաջ:
Կրկնափորձ
մարդասպաններուն
բաժինը
-
թաղը
-
ընդարձակ
կառոյց
մըն
էր,
գետնէն
վար
աւելի
մեծ:
Երկաթահիւս
միջնորմը,
որով
կը
զատուէր
անիկա
միւս
կտորներէն,
չորս-հինգ
տարի
կայ,
փոխարինած
էին
հաստ
քարպատով
մը,
քանի
որ
երկաթը
կակուղ
է
սուր
խորտոցիկներու
ատամին
ներքեւ:
Ու
երկաթ
ծանրութեամբ
հսկողութիւն
մը
կ՚երկրորդէր
բնական
պաշտպանութիւնները:
Զայն
ստանձնող
սպան,
իր
հերթին
ատենը,
իրենց
կու
տար
պատերազմական
վիճակ,
այսինքն`
ամէն
րոպէ
կազմ
ու
պատրաստ
լարում
մը,
գրեթէ
անխուսափելի
ըմբոստութեան
մը
քամակին
իյնալու:
Րոպէ
մը
իսկ
արտօնուած
չէր
թրքական
անփութութեան,
որ
անոնց
պետական
մեքենան
յատկանշող
բարեխառնութիւն
մըն
է:
Ան
կը
կենար
իր
դուռին
ճիշդ
կեդրոնը,
աչքի
տակ
պահելով
բոլորը
մէկէն,
բազմաթիւ
վանդակներ,
որոնցմէ
հատ-հատ,
կապոյտի
զարնող
քերծուած
գլուխներ
կ՚ելլէին
շարքով:
Բռնազգեստը
մարդերը
կը
փոխադրէ
իրենց
դէմքերուն:
Օտար
մը
աւելորդ
գտնէր
գուցէ
այս
խստութիւնը`
գործադրուած`
քալելու
իսկ
անտրամադիր
մարդոց
վրայ:
Բայց
ատիկա
օտարին
գիտցածն
է:
Այդ
սմսեղուկ,
ճօճուն
քալւածքով
ախտաւոր
երիտասարդը
ակռայով
կոկորդ
կը
փրցնէ,
երբ
առիթ
իյնայ:
Բանտը
ուրիշ
աշխարհ
է:
Ու
հոն,
ինչպէս
ծովուն
վրայ,
փոթորիկը`
դեռ
չփրթած,
կ՚ապրի
խաղաղ,
այդ
թոյլ,
մեռած
ջուրերուն
ծոցը:
Կը
քալէին,
դասական
չկամութեամբ,
աչքերնին`
գետնին,
անժպիտ
ու
բարի:
Ո՛չ
խիպ,
ոչ
ալ
բացառիկ
վերապահութիւն:
Անշուշտ
թեթեւ
մը
հետաքրքրուած
էին
նորեկով,
որմէ
ազգութիւնը
գուշակած
էին,
հայ
երիտասարդին
հետ
անոր
ունեցած
աղերսով,
բայց
կը
դժուարանային
ընդունիլ
մեղքը,
այդքան
մատաղատի,
գրեթէ
պատանի
այդ
մարմինէն
չսպասելով
ինչ
որ
իրենց
մենաշնորհը
կը
թուէր
ըլլալ:
Ներսը
չէին
խորացուցած
իրենց
զննութիւնը,
պահելով
ատիկա
բակին:
Այդ
աղտոտ
օդին
մէջ
անոնք
կը
լրացնէին
իրենց
ուսումնասիրութիւնը
դէմքէ
դէմք:
Սողոմենց
Սողոմը
ցոյց
չտուաւ
անվարժութիւն,
որ
հետեւանք
ծաղրովը
մեծ
կշիռ
ունէր
զնտանէն
ներս
նոր
թիւի
մը
վերապահուած
դիրքին:
Ով
որ
կը
տկարանայ,
հեգնութեան
առիթ
կու
տայ,
վախ
կը
մատնէ,
այդ
րոպէներով
կը
շինէ
իր
կեանքը
դատապարտութեան
ամբողջ
ընթացքին
համար:
Ինչպէս
արձակ
աշխարհին,
բայց
մա՛նաւանդ
զնտանին
մէջ
անձնական
հեղինակութիւնը
շատ
բան
է,
եթէ
ոչ`
ամէն
ինչ:
Անորակելի,
անկշռելի,
բայց
անհերքելի
այդ
ծանրութիւնն
է,
որ
մեր
հոգին
կը
հաւասարակշռէ
եղելութեանց
հոսանքին
մէջ
ու
մեզ
կը
վարէ:
Բանտը
րոպէի
մէջ
կը
տրորէ
մարդոց
փոխ
առնուած
հպարտութիւնները,
բայց
կը
ցցէ
անոնց
ներքին,
անխորտակելի
անձնականութիւնը:
Նայուա՞ծք,
քալուա՞ծք,
խօսուա՞ծք:
-
Ո՛րը
որ
կ՚ուզէք:
Կը
միջամտեն
ասոնք
ու
մարդը
կը
զատեն
իր
շրջապատէն:
Վճիռէն
յետոյ
մանաւանդ,
իր
միջոցներուն
վերածուող
անհատը
ստիպուած
կը
հանէ
իր
մէջէն
այս
անվերածելի
զօրութիւնները
եւ
կ՚ըլլայ,
կ՚ապրի
ինքզինքը:
Ուշադիր
շրջապատին,
տեսնելով
արագ,
ու
քիչիկ
մըն
ալ
հասկնալ
կարծելով
դէմքերը,
որոնք
ենթարկուած`
բանտին
անտես
ու
անվրէպ
ծորումներուն,
ժամանակին
կը
ստանան
տեսակ
մը
հանգիտութիւն:
Տարօրէն
զիրար
արթնցնող
զգայութեանց
հանդէսով
մը`
անցաւ
անիկա
գառագեղէ
գառագեղ,
պարզուկ
շնորհով
մը
կրելով
իր
շղթան,
մեծ`
իր
մարմինին,
դուրսէն
գրուածի
նման:
Հիւանդանոցը,
անկէ
առաջ
գիւղաքաղաքին
ամիս
տեւող
բանտը
առած
էին
անոր
դէմքին
արեւին
այրուցքը
ու
վերադարձուցած`
անոր
մորթին,
քաղցր
այն
բացութիւնը,
որ
այդ
մարզերուն
վրայ
տարազ
է
դէմքի,
ու
կ՚ընէ
միսը
սրտառուչ
ու
խոր:
Փա՞յլ,
ներքին
ծոր՞ւմ:
Ի՛նչ
անուն
ալ
տաք,
չէք
կրնար
բացատրել
մորթին
հրաշքը,
ճիշդ`
ինչպէս
չի
բացատրուիր
գրաւիչ
բացութիւնը
Պրուսայի
մետաքսներուն
եւ
դեղձերուն,
որոնք
կիներու
երեսին
վրայ
իրար
կը
գտնեն
այնքան
յաճախ:
Այսպէս
մեղմացած,
գրեթէ
դալկացած`
անիկա
համակրելի
երիտասարդ
մըն
էր,
ու
խռովիչ
ալ`
անիմանալի
աղբիւրէ
մը:
Ձայնական
քաղցրութիւնը
անշուշտ
կերպով
մը
ծորում
ունի
ներսէն
դուրս:
Ու
մեր
երգը
մեր
բերնէն
ելլելէ
առաջ,
մեր
միսին
սլաքները
կ՚ենթարկէ
իր
ոճին:
Վայրագ
դէմքէ
մը
սպասելի
չէ
գինովցնող
դաշնութիւն:
Զուր
տեղը
չէ,
որ
սա
շղթայակիր
մահապարտը
ըլլալէ
առաջ,
Սողոմենց
տղան
գեղ
մը
մեղաւորները
յուզող
արւեստագէտը
ըլլայ
եղած:
Ու
հոգեկան
այս
վայելչութիւնը,
ժամով,
վերնական
կեանքով
հասակ
առած
սա
սիրտի
քաղցրութիւնը
կ՚անցնէին
գուցէ
երկաթներուն
ալ:
Ստոյգը
ան
էր,
որ
զինուորներն
իսկ
քաղցրութեամբ
կը
նայէին
անոր
ետեւէն,
զայն
չյօժարելով
ընդունիլ
հեղինակը
այդքան
հսկայ
ոճիրի
մը:
Ամէն
ծանր
ոճրագործ,
վճիռէն
առաջ
իր
մեղքը
կը
կրէ
իրեն
հետ
ու
ատով
մարմին
կը
դառնայ
ուրիշներու
միտքին:
Յաճախ,
արարքին
տարողութիւնը
այնքան
տիրական
է,
որ
հեղինակին
պարագայական
տարրերը
կը
խղդուին:
Անունը
կ՚անհետանայ
գործ-ոճիրին
պսակին
մէջ:
Ու
մարդասպանը
կը
պիտակուի
իր
արարքին
մէկ
մասնայատուկ
կողմովը,
վերածուելու
չափ
անոր
մէկ
դրուագին,
կամ
գործածուած
զէնքին,
կամ
ոճիրը
լուսաւորող,
ցայտեցնող
գերագոյն
զսպանակին,
գագաթին:
Երբեմն
զոհին
անունն
է,
որ
կը
փոխանորդուի
իր
մէջ:
Մարդասպանը
չի
հերքեր
այս
պիտակները:
Կը
հագնի
զանոնք
այլուրային
անփոթութեամբ
մը
ու
կը
մոռնայ
իր
անհատականութիւնը,
մինչեւ
որ
նոր
առիթներ
զերծեն
զայն
այս
արտաքին
փաթաթներէն:
Ըմբոստութիւն
մը
կը
դարձնէ
մարդը
իր
սկզբնական
գազանութեան:
Սողոմենց
տղան
-
դեռ
չմաշած
տախտակ
-
այս
աշխարհին
ընտանեցումը
ըրաւ
արտակարգ
դիւրութեամբ:
Զգայութեանց
քիչութիւնը,
միօրինակութիւնը,
սահմանափակ
գօտին
համեմատական
կուսութիւն
մը
կ՚երաշխաւորեն
գեղացի
տղուն,
որ
ապականուելու,
նրբանալու
ատեն
չգտած`
կը
կապուի
գլխէն,
պսակով
մը,
իր
անկողինին
ու
զաւկըներուն
ու
հացի
հարցին:
Ինչ
որ
քաղաքները
պիտի
հանեն
մեր
մէջէն,
ըսել
կ՚ուզեմ`
ինչ
որ
գրեն
պիտի
մեր
կոյս
տախտակներուն,
շատ
բան
է
յաճախ:
Մէկ
օրուան
մէջ
երբեմն
կը
սորվինք
այնքան
շատ,
որքան
չէինք
ըրած
ատիկա
մէկ
քանի
տարիէն,
գեղի
մեր
կենցաղին
մէջ:
…
Կոկոզ
ըրած,
կռնակնին
երկաթ
ձողերուն`
լիաթոք
կը
ծխէին
առտուան
երկրորդ
գալարափողը,
զայն
հեգնելով,
քֆրելով,
փշուր-փշուր
ծամելով:
Թքնել:
Կարծես
ամէնքն
ալ
թոքին
ճամբան
ունէին
կալուած:
Ու
կը
մաքրէին`
օդին
ժանգի
շունչին
ծակերէն
դուրս
բերելով
սեւի
մօտ
խուխ
մը,
արդիւնք`
իսոտ
ճրագին:
Կիսակամար
այս
կռնակներուն
վրայ
ծալապատիկ`
հարիւր
մէկ
տարի՛ն,
յստա՜կ,
անհերքելի,
անփոյթ
ալ:
Անոնց
ուսերէն
կը
կախուէին
անոնց
թեւերը,
ծեծուած,
ծեծուած
ու
թուքով
փակցուած
կարծես,
այնքան
հզօր
էին
այդ
թեւերուն
ճիգերը
աջ
կամ
ձախ
շեղելու,
հերկուած
ըլլալով
խուլ,
աննահանջ
ցաւերէ,
կամաց,
քիչ`
բայց
ժանգի
պէս
շաղապատող,
դէպի
խորերը
երկարող,
ոսկորէ
ոսկոր
սարդոստայն
նետելով
կամ
ծոծրակէն
դէպի
սիրտը
մեծ
պողոտայ
մը
լարելով:
Խոնաւութիւնը
եւ
լոյսի
պակասը
մեր
միսերուն
մէջ
այսպէս
աճումներ
կ՚ունենան:
Ու
անոնց
անասունի
նայուածքները
կը
սահէին
արագ,
պահակներուն
կռնակէն
դէպի
միւս
գառագեղները,
բոլորն
ալ
լեցուն
նման
ձեւերով,
ամէն
մէկին
մէջ
մարդկեղէն
հզօր
պահ
մը,
-
ոճիրին
եւ
մեղքին
փայլա՛կը,
այդպէս
խանձարուրուած,
փոքրացած,
ծաղրանկարուած,
ու
սա
խորշերուն
մէջ
գաճաճնալու
դատապարտուած:
Տասը
բաժանում:
Տասը
վանդակ:
Իւրաքանչիւրին`
տասնէն
տասնհինգ
շղթայաւոր:
Քերծուած
ու
կապուտուոր:
Բոլորն
ալ
մարդու
արիւն
թափած,
մէկէ
աւելի
անգամներ:
Կը
խմէին
ծուխը
ու
կը
նայէին
վանդակէ
վանդակ:
Զննութի՞ւն,
Սողոմենց
տղուն
ըրածը,
սա
վայրկեաններուն:
Լաւ
չէր
գիտեր:
Իր
մտքին
մէջ,
հակադարձով
ոտքին
ամբողջ
աշխարհ
մը,
ու
նոյնքան
եղերական
պատահարներ:
Որոնք
իրենց
արագ
յորձանումի
մէջ
զինքը
խլեակի
նման
առեր
ու
նետեր
էին
սա
փոսին:
Կէս
մաքուր,
բայց
ախտաժէտ
այս
ոլորտին
մէջ
անիկա
զգաց
իր
առաջին
կորանքը,
ամօթը:
Բա՞նտ:
Բայց
այս
խուլ
ու
որդնոտ
օդը
չէր
հոն,
վարը,
գիւղաքաղաքին
մէջ,
նոյնիսկ
թուրքին
ամէնէն
աղտոտ
մրուրովը
գարշահոտ:
Վասնզի
շէնքը
չունէր
հոն
սա
բեռը
իր
գլխին
վերեւ,
ոչ
ալ
օդը
սա
յուսահատ,
մելանոտ
անհունութիւնը,
որ
գերեզմանի
մը
մեծկակ
ծաւալը
կը
շնորհէ
քեզի
Աստըծոյ
աշխարհէն:
Նոր
էր,
որ
անիկա
կը
խառնըւէր
սա
ճնշող
ու
կապարեայ
տրտմութեան,
որով
կը
դիմակուին
մարդասպանները
գառագեղին
ու
նկուղին
մէջ:
Դէպի
խղճմտանքի
սառնահա՞լ
մը:
-Չէր
անշուշտ
սա
յուսակորոյս
բեկումը
տակաւին:
Վասնզի
խղճմտանքը
պահ
է
մեր
մէջ,
այսինքն`
պահերու
գագաթ
մը:
Ոճիրին
ոլորտը`
ուրիշ
գագաթ
մը:
Ու
մեր
հոգին
չի
կրնար
այդ
երկու
գագաթումները
կրել,
առանց
խախտելու:
Կու
գայ
անիկա,
սառնահալը,
երբ
քաղցրացած
ենք,
այսինքն`
երբ
կը
դառնանք
մեր
նկարագրին:
Որքան
ատեն,
որ
փոթորիկը
կ՚ոռնայ,
անտեղի
է
հոգիին
նաւակը
հանել
պտոյտի:
Բացի
հաճի
Մինասէն
-
աս
էր
անունը
հայ
ընկերոջը
-
մնացած
եօթն
ալ
գտաւ,
որ
իրարու
նման
միսի
կտորներ
էին:
Նոյն
թանձրութիւնը
դէմքի,
հակառակ
մորթի
ու
տարիքի
զանազանութեան:
Նոյն
ահաւոր
օտարութիւնը
քիթին
ու
աչքին,
որ
հեռու
էր
իրենց
շրջանին
ընթացիկ
կաղապարէն,
այնքան
ալ
փոփոխուած
ով
գիտէ
արեան
ի՜նչ
եղերական
իրերախառնումով,
դարերու
կրկէսէն
ու
դրած
մէջտեղ
տիպարը,
զոր
նուաճուած
ժողովուրդներու
կիները
(ամէնէն
նուրբերը
եւ
ամէնէն
քաղցրերը,
որոնք
իրենց
պատկերին
իսկ
հրաշքովը
դանակը
նետել
կու
տան
սպաննողներուն,
գրաւումներուն
կամ
պաշտօնական
ջարդի
ատեն
եւ
կամ
մա՛նաւանդ
քաղաքներու
մէջ,
օր
մը,
ձեւով
մը,
ինկած
աչքի,
ու
ատոր
համար
կը
տարուին
պալատներու
սերմնատունը:
Հիմա
մեր
միտքը
դժուար
կը
հաշտուի
թուրքերու
այս
յարդարումին:
Բայց
ինչ
որ
թուրք
ժողովուրդ
կը
կոչենք,
մա՛նաւանդ
անոնց
վարիչ
կարգը,
ուրիշ
բան
չէ`
եթէ
ոչ
այսպէս
սերմնաւոր
շառաւիղներու
օտարածին
փունջ
մը)
դարէ
դար
յղկած,
փափկացուցած
են
ի
հաշիւ
թուրքին:
Պրուսայի
նահանգը
թուրքերուն
սերմը
ընդունող
առաջին
դաշտն
է
օսմանցիներուն
լաստակերտած
կայսրութեան
մէջ:
Եթէ
սուլթաններու
առաջին
մայրաքաղաքին
մէջ
կիներու
գիծով
երեւան
եկած
է
գեղեցկութիւն
մը,
որ
կը
յայտնուի
մորթի
լայնքով
ու
բացութեամբ,
ու
գոյնի
նուրբ
շաղախով
մը,
մոռնալու
չէ
միւս
գիծն
ալ,
այրերու
վրայով:
Այդ
դաշտը,
ատով
շտեմարանն
է
կրկին,
ցեղին
ամէնէն
անխառն
նկարագիրներուն:
Հոն
է,
որ
ես
հանդիպած
եմ
գեղերու,
բացառապէս
թուրք,
որոնք
պոլսական
էֆէնտիներու,
թուրք
այսպէս
ըսուած
ազնուականութեան
արդիացած
տիպարը
կը
կանխեն,
այսինքն`
ունին,
այս
անգամ
հող
գործողի
տարազով,
երիտասարդներ,
որոնք
միջի
բան
մը
կը
մնան
ընդմէջ
արիական
եւ
դեղին
ցեղերուն:
Թուրք
են,
առանց
ասոր
շեշտ
մոնկոլութեանը,
որ
կեանքին
առաջին
շրջաններուն
ինքզինքը
կը
սքողէ,
ծերութեան
մէջ
նուաճելով
իր
զիջումները
ու
խռուացնելով
ոսկորներուն
շէնքը
եօթանասունամեայ
դէմքերու
վրայ:
Աւելի
կանուխ`
թուրք
են,
բայց
չեն
մնացած
նրբաքիթ,
մա՛նաւանդ
նրբառունգն
ու
բարակ
յոյնը,
որ
դարերով
աճեցաւ
բիւթանական
հողերուն:
Այդ
գեղերուն
մէջ
աղջիկը
հեքիաթի
էակ
մըն
է,
առանց
սեռի,
առանց
տարփանքի:
Պարտէզի
ծաղիկ,
զոր
քաղողը
պիտի
արգասաւորէ
իր
հոտովը:
Կի՞նը:
Պարտէզի
տունկ
մը
նորէն,
բայց
տարօրէն
վառ
գոյներով:
Այդ
այլայլումներուն
դէմ,
քաղաքներուն
մէջ,
միշտ
նոյն
շրջանէն,
դուք
պիտի
հանդիպիք
միւս
ալ
տիպարին,
նոյնքան
ընթացիկ,
որ
լէպլէպիին
բրդիկին
կուշտին,
կը
ցցէ
իր
ոսկորուտ
գլխիկը,
կարծես
դեռ
երէկ
ժամանած
մոնկոլեան
տափաստաններէն:
Յաճախ
Սըմրղանտի
ուխտաւորներ
իրենք
զիրենք
փորձուած
կը
զգան
կաշեգործի
մը
քով
նստելու,
խաբուելով
արտակարգ
նոյնութենէն
գիծերու
եւ
մոյնքի,
այնքան
կենդանի
ու
հարազատ`
այդ
հեռաւոր
Արեւելքին:
Բանտերը
առաւելապէս
լեցուն
են
այս
խաւերէն
բուսած
նմոյշներով:
Պրուսան,
իր
թրքական
փողոցներուն
մէջ,
ինչպէս
իր
բանտերուն
մէջ,
անկորուստ
գանձեր
կը
պահէ
տափաստանեան
անասունէն:
Հսկայ
պատերը,
շրջող
պահակները,
զօրանոցին
տիտանեան
թրքութիւնը,
-
ամէն
ժողովուրդ
հաւաքական
ստեղծումի
մէկ
ձեւին
կը
զարնէ
իր
կնիքը:
Թուրքերը
իրենց
բանտերուն,
հոճաներու
փաթթոցին
են
վստահած
իրենց
բարբարոսութիւնը,
եւ
իրենց
հոգիին
նախնականութիւնն
ալ`
իրենց
սիրերգներուն
-
բոլորը
կ՚աւելնային
իրարու
ու
վանդակները
բռնող
միջոցին
կու
տային
այն
խուլ,
անմարսելի,
անճողոպրելի
անասնութիւնը,
որով
կը
յատկանշուին
բանտերու
սա
բաժինները
-
աշխարհէն
ընդմիշտ
կտրուած,
մահը
ողջ
ապրելու
հարկադրանքով
բթացածներուն
նկուղները,
կերպով
մը
նմա՜ն
վանքերու
քարայրներուն,
ճգնողական
բարքերու
իրարմերձ
ու
երկրամերժ
պատկերներով:
Առտուան
կարիքներուն
սահմանուած
այս
կէս
ժամուան
ընթացքին
բանտարկեալները
չեն
ախորժիր
խօսքէ:
Հսկող
մարմինին
լրբութիւնը,
որ
առանց
բառի
վիրաւորիչ
է
այնքան,
ատելութիւնը,
քունին
զարթխում
դժգոհանքը
ու
սկսուած,
բռնի
կերակուրի
մը
պէս
իրենց
կլափին
տրուած
օրը,
ասոր
ամբողջական
յուսահատութիւնը
կը
միջամտեն,
որպէսզի
մարդիկ
ըլլան
վերապահ,
առանց
կարգի
(գաղափարներու
մէջ),
յոգնած
լոյսէն,
որ
տեսակ
մը
հայելի
է
իրենց
մեծ
մեղքերուն
դէմ
ու
ցոյցի
հանող`
անոնց
գազանութիւնները:
Չես
գիտեր
ո՛ր
զգացումին
հպատակելով
անոնք,
մա՛նաւանդ
վճիռէն
առաջ,
կ՚ատեն
արեւը:
Կու
գայ
բժիշկը
անցնելով:
Ոչ
ոք
կը
յօժարի
պատասխանել
անոր,
նեղուելով
անոր
կասկածոտ
ձեւերէն:
Անիկա
կը
մտնէ
անոնց
մէջ,
ինչպէս
ուրիշ
մը`
գազաններու
վանդակէ
մը
ներս:
Յետոյ
կու
գան
ներկայութեան
եւ
բացակայութեան
ստուգիչ
պաշտօնեաները,
սեւ
կողքով
մեծ
տոմարներ
իրենց
անութին:
Կը
բաղդատեն
քերծուած
գլուխները
քերծուած
ուրիշ
գլուխներու,
կը
կարդան
միօրինակ,
յիմար,
անյոյզ,
մարդերը
վերածելով
չոր
բառի
ու
կ՚անցնին,
իրենց
կարգին,
տեղ
տալու
համար
սափրիչներուն,
շատ
ասոնք,
թեթեւ
յանցաւորներ,
որոնք
իրենց
պատիժին
մէկ
մասը
այս
ծառայութեամբ
կը
փոխարինեն:
Ու
դռնապաններ:
Ու
հերթապահ
ժանտարմաներ:
Ու
թաղապետական
չաւուշներ:
Ու
հացի
պաշտօնեաներ:
Ու
հազարապետ
մը
երբեմն:
Ու
երբեմն
այցուոր
կիներ:
Ու
հազարապետին
երկու
աղջիկներէն
մեծը:
Այս
ամէնը`
խառն
ի
խուռն,
բայց
անվրէպ:
Մինչեւ
որ`
պղինձ
նոյն
ամանին
վրայ,
որ
ենիչէրիներու
օճախէն
ժառանգ
մնացած
հնօրեայ
կաթսայ
մըն
է,
չարագուշակ
զարկը
դողդողայ,
ընդարձակ
ու
լկտի,
բանտարկեալներուն
յիշեցնելով
օրուան
իսկական
սկիզբը:
Վասնզի`
եթէ
աշխարհին
մէջ,
ամէն
տեղ,
կեանքը
կապուած
է
լոյսին,
բանտին
մէջ
օրը
գիշերն
է:
Ու
այդ
խոռոչներուն
մէջ
լոյսը
ծանր
ու
աղտոտ
բեռ
է
յաճախ:
Մարդիկ,
նոյն
կարգով,
կը
դառնան
իրենց
որջերուն:
Կը
կղպուին
վանդակները,
մեծաշռինդ
ու
կճրտուն:
Բակին
մէջ
հունչը
զինուորին
քայլերուն,
անփոփոխ
կշռոյթ,
որ
կը
շարունակուի
կարծես
բանտին
հիմնուելէն
ի
վեր:
Հարիւրապետ,
յիսնապետ,
բժիշկ,
քանի
մը
քարտուղար
կնքուած
այդ
վանդակներուն
վրայ
վերջին
ակնարկ
մը
կը
նետեն,
իբր
վաւերացում
մը
այդ
գերեզմանումին:
Յետոյ
անոնց
կալոշ
ներուն
մեղմ
նուագը,
սուրերուն
զուարթ
աղմուկը,
փոխադարձ
փութկոտ
պատասխանները
կը
ստեղծեն
աւելորդ
գեղեցկութիւն
մը
կեանքէն,
մահուան
այդ
բջիջներուն
երեսին:
Այդ
հսկողները,
անգամ
մը
կղպելէ
յետոյ
վանդակները,
կը
դառնան
իրենց
առօրեայ
հոգերուն,
պզտիկ
փափաքներուն,
սպասումներուն,
որոնցմով
կը
շինուի,
կը
լեցուի
պարապ
տակառը
ամէն
սկսող
օրուան:
Աւելի
ետքը,
բակը
կ՚ամայանար:
Միջոցը,
այսինքն`
պատերէն
վար
ձգուած
երկինքը
կը
սեւնայ
-
եթէ
օրը
ըլլայ
անձրեւի
-
կամ`
կը
տժգունի,
բերելով
մռայլ
ու
մսկոտ
խաղաղութիւնը
անոնց,
որոնք
չունեցան
անոր
պահանջը:
Քանի
մը
ծիծեռնակ,
ամրան
շրջանին,
ձողիկէ
ձողիկ
իրենց
եռանկիւն
թեւերը
կը
բանան,
կը
ծռեն
ներս,
կը
մտնան
ու
կը
քաշուին:
Ճնճղուկներ,
աւելի
աներես,
երկաթները
իրենց
փոքր
մագիլներուն
մէջ
օղակած
կը
կախուին
անհանդարտ,
աչքէ
անցընելով
վար
ու
ներս
մթութիւնները
ու
կը
համարձակին
իջնել
սալարկ,
սիրելով
զիրար,
կտուց
ու
ձայն
փախցնելով
պատահական
փշրանքի
մը
ետեւէն:
Ամէնէն
վերջ,
բակին
գերագոյն
պետը,
գոնջ
թագաւորը,
սերունդէ
սերունդ
անցնող
խղճմտանքը,
-
ընտելացած
անգղ
մը,
իր
երեւումին
կապուած
սարսռալի
ողբերգութեան
պատգարակովը,
որ,
հանդարտ,
կը
սկսի
պտոյտին,
տոտիկ-տոտիկ,
ամէն
մէկ
վանդակէ
ներս
երկարելով
իր
կտուցը
ու,
քիչ
մը
հպարտ,
ծռմռելով
չունեցած
յօնքերը,
կը
չափէ
ձողուած
միջոցը:
Ու
թթուած,
նման
դժգոհ
մուրացկաններու,
իր
տուրքը
կը
սպասէ,
ձողերուն
զարնելով
գորշ
ոսկորը
իր
բերնին,
դուռ
թակողի
հոգեբանութեամբ
մը,
երբ
ուշանան
երեւնալու:
Միշտ
ալ
ներսէն
ձեռք
մը
անոր
կտուցին
կը
մօտեցնէր
գիշերուընէ
պահ
դրուած
անգղին
բաժինը:
Թռչունը
-
անիկա
մոռցած
է
իր
թեւ
ունենալը
-,
ու
չգործածուած
ամէն
անգամի
նման,
զայն
աւելորդ
կարծելով,
թեթեւցուցած
է
բոլորովին,
ձգելով
խոցոտ
սանտր
մը
-
կը
շրջի
այդ
բաժինին
բոլոր
վանդակները,
միշտ
դժգոհ,
թթու,
վեհափառ,
վասնզի
կռնակէն
պակսող
փետուրները
հաւաքուեր
են
կարծես
անոր
քարճիկի
մարզին,
հսկայ
ուռեցք,
ուր
ամէն
բան
կը
թխմէ
անիկա:
Անոր
քաշուելէն
յետոյ
է,
որ
կը
սկսի
բանտին
բուն
օրը:
Շարժումները`
իրենց
վերջնական
պարզումին,
այսինքն`
պահակ-խումբին
քայլերուն:
Արեւը
կամ
ցուրտը
կ՚իյնան
անդիմամարտ,
իրական,
անյոյս:
Բանտին
առաջին
օ՜րը,
նոր
ինկողի
մը
համար:
Բանտի
օ՜ր,
երբ
դուրսը,
քաղաքներու
գլխուն
չծեծեն
մեծ
զանգակները
ցեղային
ատելութեանց
և
մարդիկ
իրարու
շատ
չտեսնեն
բաժակ
մը
արեւ,
կամ`
ափ
մը
ցորեն,
կամ`
կաթիլ
մը
ազգային
արիւն:
Կար
ատիկա,
շատ
առաջները,
երբ
անգղը
կ՚ապրէր
գեղի
մը
մէջ:
Կ՚ապրէր
իր
տիրոջը
զաւկըներուն
ու
ճուտիկներուն
հետ
ու
անոր
կնոջը
փէշերուն
շուրջը:
Անկէ
ասդին
կէս
դար
է
անցեր:
Անիկա
հետեւեր
է
իր
տիրոջը,
սա
բանտին
մէջ,
սպաննելէ
յետոյ
իր
կի՜նը,
տիրոջը
նման,
որ
իր
կարգին
սպաններ
էր
իրը,
գրեթէ
նոյն
գիշերին,
քանի
որ
լուսնալ
մը
միայն
կը
զատէր
երկու
ոճիրները
իրարմէ:
Անոր
տէրը
մեռեր
էր
բանտին
մէջ,
խենթեցած:
Անգղը`
մնացեր:
Ու
մնացեր
բաժինին
մէջը`
սպաննողներուն:
Բանտ
օ՜ր:
Կաս
դուն
ապահովաբար
աշխարհի
ուրիշ
մասերուն
մէջ,
ուր
ազգային
ատելութեանց
հովը
չի
թափանցեր:
Թուրքերը
քեզ
ալ
թրքացուցած
են:
Վասնզի
հոդ
է,
որ
մահուան
կլափին
մէջ
ալ
մարդիկ
իրար
չհանդուրժեցին,
երբ
պէտք
կար
աւելի
տրտմութեան,
համեստութեան`
մեղքին
մեծ
եղբայրութեան
շունչովը:
Հայկական
դէպքերէն
ասդին,
թուրք
բանտերը,
իրենց
պարսպանման
պատերուն
ներսը,
պատռելու
չափ
փքացուէին
պիտի
ազգային
ատելութեան
անչափելի
հովերէն:
Օ՛ր:
Այսինքն`
տեւողութեան
քանակ
մը,
զոր
չի
յուզեր
կեանքին
ընթացիկ
մագնիսականութիւնը:
Զոր
անկարելի
է
կարճել
կամ
արագել:
Որ
պիտի
դիզուի
ուղեղիդ
ու
մելանի
պէս
պիտի
գունաւորէ
հոգիդ:
Իրիկունէն
առաջ,
Սողոմը
կը
ճանչնար
իր
ընկերները,
անշուշտ
խոշոր
գիծերով:
Բոլորն
ալ
սպաննած
էին:
Ինչպէս
էր
ըրեր
ինքը:
Կը
նմանէին
իրարու
այդ
խորքին
վերեւ:
Բայց
կը
զատուէին
իրարմէ
թիւի,
տեղի,
դրդապատճառի
փոքր
տարբերակներով:
Եղած
էր
այս
ծանօթացումը
ոչ-պաշտօնապէս,
այլ`
կցկտուր
յառաջադրութեամբ
մը:
Բանտարկեալները,
մա՛նաւանդ
վճիռ
հագածները,
առանձին
զգայարանքներ
ստացած
են
ոճիրը
հասկնալու:
Անոնք
կը
նպաստաւորուին
մարդկային
հոգիին
մեծ
կարողութիւններէն,
որոնք
առանձնութեան
ու
խոկումի
մէջ
կը
խորանան
ու
կ՚ընդարձակուին:
Չունենալով
իրենց
ջիղերուն
գործածումին
համար
ուրիշ
գօտի,
քան
ինչ
որ
կը
մատուցուի
իրենց,
կալանաւոր
մարդոց
վրայով`
անոնք
կ՚ըմբռնեն
մեծ
ընկալչութեամբ
մութ
զսպանակները
ու
դատաւորներէ
աւելի
ճիշդ
կը
տրամաբանեն,
երբ
արիւնին
ձգողութիւնը
մատչելի
դառնայ,
պատմումին
ընդմէջէն:
Առած
ատեննին
այս
առատութիւնը,
դիւրութիւնը
հաւատարիմ
են
անոնց,
երբ
կու
տան,
այսինքն`
կը
պատմեն:
Քանի
մը
գիծ`
ու
արդէն
ողջունձեւուած
է
տրամը
ու
պարզուած
ոճիրին
զսպանակումը:
Մանրամասնութիւննե՞րը:
Անշո՛ւշտ:
Բայց
ատոնք
աւելի
ուշ:
Յաճախ`
ժամանցի,
հաճոյքի
համար:
Ու
իմացական
հեշտանքի
համար,
երբ
սպաննելէ
առաջ`
կիները
կ՚ընեն
հեշտայարոյց,
գեղեցիկ,
չարագուշակ
ու
պոռնիկ:
Պարագան,
այսինքն`
սա
կամ
նա
ոճրագործութիւնը
անոնք
կը
դասաւորեն
զարմանալի
արագութեամբ
ու
կը
դատեն
դատավարութենէն
շատ
առաջ:
Սողոմենց
տղան
պարտաւոր
եղաւ
զեկոյցը
տալու
իր
հերոսութեան:
Ուրացած,
միամտութեամբ,
ոճիրը,
բայց
ներկայացուցած
Նալպանտենց
տունը,
պարզ
ու
գեղեցիկ,
ինչպէս
կը
տեսնեն
երկու
տարի
վարժուած
աչքերը:
Ողջունձե՛ւը
նաեւ
պատահարին,
ան
ալ
պարզ
ու
հասկնալի:
Քանի
մը
հարցումներ
շփոթած
էին
զինքը:
Ինք
չզգաց
ատիկա:
Բայց
ընկերները
տեսան
զինքը
կրակին
գիշերը,
անկէ
առաջը,
աւելի
առաջը,
ու
անկէ
ետքը:
Նոյն
այդ
հարցումները
զինքը
մղեցին
մանրամասնութեանց
հանդէսի
մը,
առատ
նպաստով
մը
ապրուած
պատկերներու,
որոնք
կասկածէ
վեր
էին:
Այդ
գիծերը
տուած
ատեն`
անիկա
միամտաբար
կ՚ապաստանէր
ուրիշներէ
վերագրումին:
Իր
պատմումը
արթնցուց
որոշ
հետաքրքրութիւն:
Մեծահարուստ
տուն
մը
(թուրքերը,
է՛ն
խոնարհէն
մինչեւ
է՛ն
իմաստունը,
ով
գիտէ
ի՜նչ
վարժութիւններու
անձնատուր,
զարմանալի
խոշորացման
կ՚ենթարկեն
կեավուրին
ճղճիմ
փառքը,
գուցէ
զայն
ի
վերջոյ
կուլ
տալու
անգիտակից
ախորժակէն
նուաճուած:
Անոնց
թերթերը,
տակաւին
հիմա՛,
առանց
ամչնալու,
հրապարակ
ալ
կը
դնեն
իրենց
այդ
թաքնասքող
զգայութիւնները,
անշուշտ
դիմակ
փոխելով:
Ու
պէտք
է
ըսել,
-
հայու
եւ
թուրքի
խնդիրը
ախորժակի
խնդիր
է
շատ
մը
բաներ
ըլլալէ
առաջ:
Այդպէս
էր
դարերով:
Այն
օրէն,
որ
այս
հաւասարութիւնը
խախտեցաւ,
ծնաւ
կողմերէն
մէկուն
ոչնչացման
հարցը,
քանի
որ
աւելորդ
կը
դառնար),
ահագին
կատոզներ,
հարիւրաւոր
քիլէ
չոր
խոզակ,
հնօրեայ
ու
անգին
զարդեղէններ,
որոնց
համբաւը
հասեր
էր
բանտակից
հայուն,
տղու
օրերէն,
ու
չոր
ոսկին,
-
բոլո՛րը
մոխիր:
Այդ
նիւթական
աղէտէն
զատ,
իբր
պսակ
մը`
երկու
ալ
մարդկային
զոհ:
Յետոյ,
աւելի
անկարելին,
զօրքին
վրայ
զէնք
պարպելուն
անքաւելի
ոճիրը:
Այս
ամէնը,
փերթ-փերթ,
մեկնուած
կամ
չափուած:
Բանտարկեալները
միշտ
թշնամի
կողմին
փաստերն
ու
հաւանական
պատրաստութիւնները
նկատի
կ՚առնեն:
Անշուշտ
մեծ
ժողովք
մը
չէր
իրենցը:
Բայց
որոշումները
տրուեցան
միաձայնութեամբ:
Առաջին
նպաստաւոր
պարագայ`
դատախազի
մը
բացակայութիւնն
էր,
որ
թրքական
ճակատին
համար
նշանակալից,
հոս,
հայուն
մօտ,
աննպաստ
կը
դառնար,
քանի
որ
կառավարութիւնը
ինք
կը
ստանձնէր
այդ
դերը:
Ժողովը
մնաց
բաժնուած,
բայց
գտաւ
իր
միաձայնութիւնը
յաջորդ
հարցերուն
մէջ:
Վկանե՞րը:
Ըլլային
փաստաբան,
հարցաքննիչ
դատաւոր:
Ամէնն
ալ
ուշադիր
սպասեցին
մարդկեղէն
անուններու:
Հաստատականը`
անունն
էր
Նալպանտենց
հարսին,
որ
չորս
ատեանի
առջեւ,
չորս
ձեւով
պատմեր
էր
պատահարը,
հնարելով
անգոյ
մանրամասնութիւններ,
դիմակով
մարդեր,
հանելով
աւազակներու
թիւը
մինչեւ
տասնի,
գոհացում
տալու
համար
հարիւրապետին
փափաքներուն:
Կին,
անփորձ,
հակասական,
այդ
պայմաններու
մէջ
կորզուած
վկայութիւնները
մեծ
կշիռ
չէին
ունենալու,
ըստ
բանտային
օրէսգիտութեան:
Բայց
անկարելի
էր
հերքել
անոր
ա՜չքը:
Վկանե՞րը:
Սողոմը
հազիւ
յիշեց
կօշիկները,
որոնք
ուրիշի
ոտք
պտըտելէ
յետոյ
եկան
իրեն
ու
տեղաւորուեցան
ոտքերուն,
ինչպէս
սուրը
պատենքին:
Կշռուեցան
այդ
կաշիէ
առարկաները
քիչ
մը
աւելի
լուրջ:
Վկանե՞րը:
Սողոմը
յիշեց
իր
զգեստները,
որոնք
հանուած
էին
հաւնոցին
անկիւնէն,
գարշահոտ,
բայց
ոչ-կարմիր,
ու
հագուեցան
իրեն:
Կէսօրէ
ետքը
բանտարկեալներու
ատեանը
միաձայնութիւն
ունէր
իր
վճիռին
մէջ:
-Առնուազն
հարիւր
մէկ
տարի:
Տակաւին
այս
ժողովը
կ՚անգիտանար
շատ
բան,
-
Նալպանտենց
Սերոբին
իսկական
դիրքը
կառավարութեան
մօտ,
ժանտարմըրիի
հարիւրապետին
խիստ
սաստուիլը
Պոլսէն,
քոմիթաճիներուն
շատ
կարեւոր,
պալատը
խորապէս
շահագրգռող
բարդութիւնը,
որ
մինակը
բաւ
էր
Սողոմը
ընդմիշտ
վտանգելու,
քանի
որ
այդ
օրերուն
Եալովայէն
աւազ,
սոխ,
սխտոր
ու
հաւեղէն
փոխադրող
առագաստանաւերու
մէջ
ոստիկանութիւնը
աղբիւրի
խողովակները,
անոնց
կտորները
իբր
պոմպա
գրաւած
էր
ու
ղրկած
պատերազմական
նախարարութեան`
քննելու:
Որքան
ալ
անհեթեթ,
այս
վերագրումներուն
մէջ
թուրքերը
կը
դնէին
լրջութիւն
եւ
հաւատք:
Եւրոպական
Թուրքիոյ
մէկ
քաղաքին
մէջ,
երկաթուղիի
գիծին
վրայ
ելեկտրական
ձեռնալամբի
մը
սպառած
ու
նետուած
պաթըրին,
ամենայն
լրջութեամբ
իբր
դժոխային
մեքենայ
Պոլիս
ղրկող
ոգին
պատահականութիւն
մը
չէր
ու
չէ:
Ձերբակալուած
էր
գիծին
մօտ
աշխատող
պուլկարը`
իբր
հեղինակը
եղեռնափորձի
ու
դատապարտուած,
պատերազմական
ատեանի
մը
վճիռովը…
մահուան:
Այդ
օրերուն
անշուշտ
հայերը
սնտուկներով
հաւկիթ
-
դուք
իմացէք
պոմպա
-,
տինամիթ
եւ
հրացան
կը
փոխադրէին
Պոլիս,
Եըլտըզի
վրայ
մեծ
յարձակում
մը
ունենալով
նպատակ:
Այդ
ատանը
կ՚անգիտանար
դաւաճան
քահանային
մերկացումները,
քոմիթաճիներու
տետրակին
մէջ
արձանագրուած
անունները,
գեղէն
հարիւրով
մարդերու
ձերբակալումը,
խուզարկութիւնները:
Բանտարկեալները
անշուշտ
չէին
մոռցած,
այդ
ամէնէն
անկախաբար,
հայութեան
բաժինը,
այս
մէկ
հատիկ
սրբազա՜ն
ճշմարտութեան
վերագրելով
բացառիկ
խստութիւնը,
ծեծը,
որուն
կը
խորհէին
անոնք,
առանց
Սողոմէն
թելադրուելու:
Միակ
զարմացուցիչ
պարագան,
այս
ամէնուն
մէջ,
Սողոմին
իրենց
նկուղը
ձգուիլն
էր:
Ինչպէ՞ս
կարելի
էր
նման
տարօրինակութիւն
մը:
-
Վճիռ
չկերած
մէկը,
ինչո՞ւ,
հասարակաց
թաղը
փոխանակ
ղրկուելու
եւ
հոն
յետնագոյն
օրերու
մարզանքին
սկսելու,
այսպէս
մէկէն
ի
մէկ
կը
թխմուէր
ամէնէն
խուլ
նկուղներէն
մէկը
բանտերու
քաղաքին:
Մէկը
հասկնալ
կարծեց
պատահարը,
մէջտեղ
դնելով
մեծատարած
նորոգութիւնը
ծակուած
նկուղի
մը:
Ամիս
մը
առաջ,
բանտարկեալները,
ուրիշ
բաժինէ
մը,
փորած
էին
յատակը,
վերցնելով
տախտակ
մը,
բացած
գետնուղի,
հասած
փողոցին
ներքեւ,
ինկած
կոյուղին
ու
մատնուած
հոտէն:
Խորունկ
քննութեամբ
մը
երեւան
էր
ելած
մեծ
ծրագրով
կազմակերպութիւն
մը,
որուն
ղեկավար
ուժն
էր
անշուշտ
փականագործ
հայ
մը,
տասնհինգ
տարի
կերած,
սպաննած
ըլլալուն
իր
զոքանչը
եւ
ծեծի
տակ
մօտ
էր
տալու
իր
հոգին,
հիմա
հիւանդանոցին
մէջ:
Իրողութիւն
է,
որ
խուսափումին
երազը
գերագոյն
իրականութիւնն
է
ամէն
բանտարկեալի:
Ու
հակառակ
զսպումին,
պատիժին
կրկնանորոգ
վայրագութեան,
կալանաւորը
միշտ
ալ
պիտի
տարուի
ազատման
դաւին:
Նորոգումը
ամիս
տեւեց:
Ու
վարակեց
բանտին
միւս
մասերն
ալ:
Տեղի
խնդի՞ր:
-Ուրիշ
ինչ
կրնար
ըլլալ:
Ու
այսպէս
մտածողը
իր
փաստը
կ՚առնէր,
իրենց
հիւր
երկու
հայերէն,
որոնց
յանցանքը
անծանօթ
կը
մնար,
նոյնիսկ
քաղաքական
կրկէսէ
(քանի
որ
Հայկական
Հարցը
ճարտար
ու
բուռն
շահագործումով
մը
վարակած
էր
բանտերը
մինչեւ)
հակառակ
բանտարկեալներուն
իրաւացի
հետաքրքրութեան:
Այս
առտու
էր,
որ
անոնք
կը
զատուէին
վերջնապէս
իրենց
նկուղէն,
հաստատուելու
համար
նորոգուած
բաժնին
մէջ:
Անշուշտ,
գէշ
բան
մըն
էր
կեավուր
ծնած
ըլլալը:
Աստուծոյ
անհաս
կարգադրութիւններէն
մէկն
էր
ատիկա:
Բայց
աւելի
գէշ
բան
մը`
բանտը
իյնալը,
-
այսպէս
կը
խորհէին
բարձրաձայն,
սա
պարզամիտ
օտարականները
ու
կը
ջանային
հաշտեցնել
ոճիրն
ու
արդարութիւնը,
բնական
դատումով,
անզգայաբար
իյնալով
թրքական
քաղաքավար
կեղծիքին
մէջ,
որուն
նման
հոգեբանական
երեւոյթ
է
հանդիպիլ
ուրիշ
ժողովուրդներուն
մօտ:
Այս
սայթաքուն
ու
նենգ
բարութիւնը,
զոր
ահաւոր
ջարդերը
կը
սրբագրեն
անպատճառ
սեւ
օրին
մէկը,
ըրած
է
այնպէս,
որ
մենք
չհաւատանք
անոնց
իրաւին,
երբ
բանտին
մէջ
կը
գտնուինք:
Անոնք
չթերացան
Սողոմենց
տղուն
երեսին
բանաձեւելու
պաշտօնական
մաղթանքները,
Աստուծով
օր
առաջ
ազատուելու,
թէ
իրենց
փորձուած
իմաստութիւնը
նման
հրաշք
մը
կը
կապէր
Բարձրեալին
գաղտնիքին:
Ու
մինչեւ
դատավարութիւն,
անոնք
յանձնարարեցին
համբերել,
առատ
ու
առանց
պայմանի:
Կ՚ըսէին
ու
կը
շոյէին
մեծիմաստ
իրենց
պեխերը,
քերծուած
գանկերու
վրայ
մատերնին
պտըտցնելով,
ուղեղը
մտածել
գրգռելու
միամիտ
շարժումով
մը:
Բացառիկ
մարդեր,
անշուշտ,
քանի
որ
փոխանակ
իրենց
արտին
կամ
խանութին
մէջ
ըլլալու,
ինկած
էին
սա
նկուղը:
Ու
իրենց
խորհրդածութեան,
դէմքի
խաղերուն,
պզտիկ
սրամտութեանց
մէջ
համ
կար
ու
հիւրասիրութիւն:
Արգահատա՞նք:
Ո՜վ
գիտէ:
Այս
զգացումը
այնքան
դիւրաւ
կ՚այլասերի
դէպի
արհամարհանքը,
կրաւոր
ու
վատ
արհամարհանքը,
աւելի
սպաննող,
քան
համարձակ
ատելութիւնը,
որուն
դէմ
հալածուողը
բնազդական
ճամբաներ
կը
հնարէ
ինքզինքը
պաշտպանելու:
Բարի՞:
-
Գրեթէ՜:
Հետաքրքրուեցան
անոր
նիւթականովը
եւ
թելադրեցին
բանտային
փոքր
աշխատանքները,
ուլունքով
օձ,
կոկորդիլոս,
քսակ,
ապարանջ,
գորտ,
եւայլն
հիւսել,
-
ինչ
որ
թեթեւ
շահէն
աւելի
հաստ
հնարաւորութիւնը
կու
տար
անգիտակցաբար
սպաննած
ըլլալու
ժամանակը,
ամէնէն
անօգուտ,
ծանր
բեռ
կալանաւորի:
Օրուան
ընթացքին,
երբ
արեւը
անցնէր
բակին
վրայէն,
երեք-չորս
ժամ,
լայնցող
լոյսը
կարելի
կ՚ընէր
նման
աշխատանք,
որ
աչքի
շեշտ
լարում
կը
պահանջէ:
Այս
խօսակցութեան
մէջ
պարզ,
սիրտցաւ,
իրաւ
ըսուածքը
խոտոր
կը
համեմատէր
մօտիկ
իր
տպաւորութեանց,
ասոնք
ալ
թուրքերէ,
բայց
փուճ,
գռեհիկ
մարդեր,
գող
կամ
խաբեբայ,
ցոփ
ու
երկչոտ,
որոնք
ոճիրէն
կը
վախնային
ու
բանտ
կը
վազէին
ծեծէ
խուսափելու
համար:
Արդարութեան
պաշտօնական
ճամբէն
զատ
կայ
տակաւին
բնականը,
ամուր
եւ
երկիւղալի
պատուհասումը,
որ
յանցանքի
վրայ
բռնուածը
տեղն
ու
տեղը
կը
դուրէ
ու
տուն
կը
ճամբէ,
խնայելով
«թագաւորին
հացին»:
Ասոր
գործադրիչը,
ինքը,
գեղացին
է:
Ինչո՞ւ
չէր
անդրադառնար,
որ
ինկած
էր
շջանակին
մէջը
մարդոց,
որոնք
սա
բանտէն
առաջ,
երբ
ոճիրին
սլաքը
կը
կարմրէր
անոնց
անգիտակցութեան
հնոցին,
բաժնուած
էին
մեր
աշխարհին
անուշիկ
ու
կակուղ
պատրանքներէն
ու
մեռնելո՜ւ
համար
էր,
որ
մեռցուցած
էին:
Հանդարտ,
պատկառելի,
իրենց
տժգոյն
եւ
ուռած
դէմքերով`
անոնք
գերեզմանէն
ելած
կամ
դէպի
հոն
ճամբայ
ինկած
տարօրինակ
ճամբորդներու
կը
նմանէին,
որոնք
կ՚անցնին
լուռ,
անտեսելով
իրենց
ստեղծած
խռովքը,
ինչպէս
իրենք
զիրենք:
Անգամ
մը
կնքուած
հարիւր
մէկին
խարանովը,
ա՛լ
ընդմիշտ
պիտի
արժեւորեն
ընդոծին
իրենց
օտարութիւնը,
որ
զիրենք
ըրաւ
անընտել,
բուռն,
վայրագ,
ու
ըրաւ
խաղալիք`
իրաւէն
ու
սուտէն,
ներսէն
ու
դուրսէն,
ու
չկրնալով
աշխարհին
ամէնուն
բաւող
լայնքէն
թիզ
մը
բան
անոնց
ալ
զատել,
վռնտեց
զիրենք
ու
քշեց
աղէտին:
Անո՞նք,
աւա՜ղ,
տղու
չափ
բարի,
հիմա,
բայց
եղան
գազան,
երբ
սուտ
կամ
իրաւ
շշնջուած
աղմուկէ
մը
խենթեցած
վազեցին
տուն,
պառկեցուցին
իրենց
սիրականները
եւ
հաւու
նման
մորթեցին:
Իրե՞նք,
մինակ,
որոնց
ականջը
ըլլայ
այդպէս
այցուած
մռայլ
շշուկներէ:
Ուրիշնե՞րը:
Ան
հազար
հազարնե՜րը,
որոնք
քանի
մը
զգայարանքի
միասնական
վկայութեամբ
իսկ
չեն
պղտորուիր
ու
կը
մնան
խելօք
կենդանի:
Ո՞ւր
կը
սկսի
ոճիրը:
Ո՛ւր`
կը
կենայ
խենթութիւնը…:
Հիմա,
գերեզմանի
իրաւունքներէն
իսկ
վտարուած
-
քանի
որ
օրը
հեղ
մը
կ՚այցուին
անոր
կարօտէն,
բայց
կ՚արգիլուին,
անոր
հասնելու
միջոցներէն
զրկուած
ըլլալնուն
-,
պիտի
ապրին
ի
հաշիւ
մահուան,
ու
միմիայն
ատոր
համար:
Խաղաղութի՞ւն:
Ապազգայութի՞ւն:
Ոչ-թրքութի՞ւն:
Մարդ
վայրկեան
մը
կը
խորհէր
այդ
բաներուն,
տեսնելով
անոնց
համակերպուն
իմաստութիւնը,
որ
ազատած
է
անոնց
մարմինները
փոքր,
անհատային,
փուճումուճ
կիրքերով
ճլտրուն
արտայայտութենէն
ու
փռած
անոնց
անձին
վրայ
ծանր
շուրջառը
հոգեկան
հանգիստին,
օրուան
մեծ
մասին
համար,
կիսաքուն
ու
անկամ,
մրափէն
աւելի
չուզելով
իրականութեան
դառնալ:
Ոչ-թո՞ւրք:
Գուցէ:
Վասնզի
ցեղային
այդ
կեղծիքը
նկարագիր
է,
զգեստէ
աւելի`
տեսակ
մը
հոգեկան
մորթ,
շփոթուելու
չափ
ուրիշ
ժողովուրդներու
առաքինութեանց
հետ:
Այդ
պահուն,
այդպէս
խաղաղ,
այդ
մարդերը
կ՚ըսէին
իրենց
խղճմտանքը,
որ
վաղը,
դուրսէն
դիւրին
ներարկումով
մը,
անաշխատ
կրնար
լեցուիլ
ամէնէն
անզուսպ
գազանութիւններով:
Ու
սկսաւ
օրը
բանտին:
Թուղթ`
խաղի:
Յետոյ`
ոսկորը,
զարի:
Յետոյ`
մռլտուքը,
որ
կը
վախնայ
երգի
վերածուելու: