Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ

Առաջին պաղ ժամերէն վերջը, ազդուելով ընկերներուն անփոյթ թափէն, որ խաղին մէջ իսկ զանոնք կը տարբերէր դուրսին եռանդէն, ուրիշ բան չունենալով ընելիք` անիկա մօտեցաւ ցեղակից տժգոյն երիտասարդին:

Յանկուցիչ, բարակ այդ կալանաւորը, առանց իր կողմէ փոքր իսկ ճիգի մը, կը տպաւորէր իրեն մօտեցողը: Ուրկէ՞: Ինչպէ՞ս: Շատ բաներ կը կրենք, ու չենք հարցներ պատճառը: Մարդոց ներքին հեղինակութիւնը զանգուածին ամէնէն խոր ձգողութեան, ճնշումին, իշխանութեան թափին դէմ է, որ կ՚առանձնանայ ու դիմացողը ա՛ն է, որ չի նուաճուիր թերեւս ինքիրմէ: Իշխողները` հերքելու համար նոր ժամանակներու մեր վարդապետութիւնները այս տխուր օրէնքը կարծես փաստելու, ամրապնդելու միայն կը ծառայեն: Երեսուն-քառասուն դարէ աւելի երկայնք ունեցող մարդոց պատմութիւնը ուրիշ լոյսի տակ անկարելի է ըմբռնել: Կ՚ազդեն այդ առանձնացողները - տուէք ձեր ուզած անունները, ընտրելով պատմութեան դաշտերէն, հանած ժողովուրդէն - ու զանգուածը իր իշխանութեան պատրանքը այդ բացառիկ արարածներուն վրայ հաստատուած զգալով ինքզինքը կը բաւարարէ՜: Ուրկէ՞, ինչպէ՞ս:

Քիչ բառերով, հեռուներէն պատմող մէկու մը այլուրութեամբը, այդ երիտասարդը կտոր մը բան բերաւ վեր, Սողոմին հասողութեան, իր կեանքէն, կցկտուր դէպքերու, թուականներու շփոթ շարայարումով: Դիտումնաւո՞ր այդ փրթածութիւնը, թէ արդիւնք` քաղաքական զգուշաւորութեան: Ժամանակի զգայութեանց այս ձեւազեղծումը անգիտակից էր անոր մօտ, իբր հետեւանք թերեւս բնախօսական օրէնքի մը, որ ա՛լ անպէտ գործարան մը կը ձգտի խցել, կուրցնել մարմինէն: Հարիւր մէկ տարին, որ անոր պատիժին տախտակն էր, տեւողութեան յղացքը խաթարած էր անոր ուղեղին մէջ: Ու այս խաթարումը յետահայեաց ազդեցութիւն ալ ունի երբեմն: Ուրկէ՛ իմանար Սողոմենց տղան, թէ ժամանակը ամէնէն ստորին բանն է բանտարկեալին համար: Այդ օրէնքով, ինչպէ՜ս չափէր պիտի անիկա այն միւս հոգեբանութիւնը, որ մահապարտինն է, այսինքն` ա՛յն մարդուն, որ պիտի չապրի, բայց չմեռնի ալ:

Խառնակ` բայց թաւալման մեքենականութեամբը մեծ ոլորքներով ճիշդ այդ պատմումէն Սողոմենց տղան յաջողեցաւ կազմել բաւական ամփոփ պատկեր մը, կենդանագիրը տիպարին, որ հինգ-վեց տարի առաջ ապրեր էր իրենց շրջանին վրայ, հեքիաթի պէս տպած իր անդրանիկ պատանութեան հրաշահայց ուղեղին, կրակին ու արիւնին մեծ ուրուականին ընդմէջէն, երբ ազգային երգերը մէկէն միս ու ոսկոր կը դառնային` կարծես իրենց փցուն յօրինուածքէն ներս առնելով «կենարար» շունչը հեռուի Աստուծուն: Դրուագները, գործողութեանց գիծերը, գետինը կը յիշեցնէին այդ անմոռանալի օրերը, իր լսածները, գիտցածները, մասամբ ըրածներն ալ:

Այս ճանաչումը, աւելի ճիշդ` ինքզինքը գտնելը ուրիշէն, թուրքին զնտանին մէջ, անոր բերաւ խոր սարսուռ: Չէր համարձակեր հարցաքննել զայն, իր պատմութեան վերջին մասին վրայ, ուր խառնուած էին անունն ու գեղեցկութիւնը գեղանի իշխանուհիի մը, հեքիաթին բերնովը այդպէս բարձրացած դէպի կատարները դիրքին եւ մարմինին: Բայց այդ իսկ հրաշքով այդ երիտասարդը կը զատուէր Սողոմին միւս ընկերներէն, երկիւղած յարգանքի ոլորտէ մը վերցուած: Անոր հայութիւնը առանձին հրապոյր մըն ալ կ՚աւելցնէր անձին անառարկելի ճնշումին: Լեռներ ու դաշտեր դողացեր էին անոր ոտքերուն ներքեւ: Ու դողացեր սիրտն ալ` թագաւորին մօտերէն սիրած կնիկներուն:

Առաջին իսկ ակնարկով` այդ երիտասարդը կը զատուէր միւսներէն թերեւս «երեսին մեռոնովը»` ինչպէս ջանաց իր զգայութիւնը տարազել Սողոմենց Սողոմը, երբ իր աչքերէն հոգիին իջան դէմքերը միւս կալանաւորներուն: Անջրպետ մը կայ տեսիլքին եւ անոր` մեր մէջ զգայութեան վերածուելուն մէջտեղը: Յաճախ ատոր ընդարձակութիւնը դաշտն է ապառնի տրամներու: Անշուշտ պակասաւոր են շատերը այս պատկերներուն: Բայց մարդէ մարդ անհուն է կշիռը տպաւորուելու մեր կերպերուն: Նկատի մի ունենաք անոնց ճշդութիւնը կամ թերութիւնները: Ուրիշէ մը մեր մէջ սաղմնաւորուող հոգեկան առաջին իրողութիւնը կը դիմանայ, պատրաստելու համար արարուածները մեր ողբերգութեան, քանի որ մարդոց կեանքը ուրիշ բան չէ` եթէ ոչ անդրանիկ այդ տպաւորութեանց չարաչար հերքումը, ընտանիքէ ընտանիք եւ ազգէ ազգ:

Խմբակը, խաղին տրտմութեանը մէջ պահ մը յոգնած, հեռացաւ նկուղին խորքին շրջանակէն, եւ ամէն մէկ բանտարկեալ ինքզինքը երկարեց իր մինտէրին: Մօտ էր կէսօրուան ճաշը ու հացէն առաջ սա մրափը ձանձրախտին առաջին նշանն է քաղաքակիրթ ազգերու մէջ: Հո՞ս:

Բանտարկեալ մը երգ մը ոլորեց:

Տխուր ու տարօրէն կենդանի այդ երգը կ՚ոգեկոչէր գաւառակի մը փոքրիկ բանտը, առջին` սլացիկ շարքը նոճիներուն: Առջին` գեղածոց ծառ մը թուզի: Առջին` երիտասարդ բերա՜նը անմահ աղբիւրին: Ժողովրդական այս յօրինումներուն պարզ, բայց խորունկ իրապաշտութիւնը Արեւելքի արուեստին գերագոյն սրբութիւնն է գուցէ, երկու երակով ելած կարկառի, - կրօնքին եւ սեռին անկորուստ ճամբաներէն: Գուցէ քանի մը դար առաջ առաջին երակը տիրապետող էր միտքերու: Բայց հիմա մարդիկ, հաւատալով մէկտեղ երկինքի պէս բանի մը գոյութեան, կը սիրեն երկրորդ եղանակը: Գեղջուկ տաղերգութիւնը կը պատմէր այդ տղուն բերնով աշխարհին խորունկ յուզումները, կինը, զաւակը, հայրը, մայրը, որոնք անոնց հոգիին աչքերէն չէին հեռանար:

Սողոմը սորված էր զայն առաջին բանտումին: Հաւանաբար նոր հնարուած, դեռ կրելով արի՜ւնը ձայնին, որ այդ կերպ բանտի մը վանդակներէն տեսեր էր դուրսը, պալատին հրապարակը: Նոճիները, թզենին եւ աղբիւրը ու յիշեր իր գեղը, ուր կը ձգէր իր կինը, կամ նշանածը, կամ սիրականը, գուցէ օտարին: Այս կսկիծին մէջ այդ քերթուածը կը մէկտեղէր բոլորին ալ սիրտերը: Ու երգած: Իր ձայնը լացուցած էր բոլորը:

Հո՞ս:

Վախցաւ բանալու իր սիրտը, այսինքն` այդ երգին իր մէջ արթնցուցած խորունկ թախիծը, ամչնալով տարիքէն, մինչ Նալպանտենց հարսը, ու ոճիրէն ետքը, Դելոնենց քարայրին` իր նշանածին պատկերը` լուծուած կրակի մը պէս դոյլ-դոյլ կը թափէին իր միտքին:

Բայց օգտուելով` թէ մղուելով ներքին ուժէ մը, անիկա առաւ երգին մէկ տունը, երբ զայն եղանակողը «օ՜ֆ» մը արձակելով շրջեցաւ մէկդի ու լռեց:

Բանտարկեալները նստեցան:

Սարսուռի ալիք մը զանոնք բերեր էր երգին:

Խոր ու տարօրէն տաք ձայնի շղարշ մըն էր հիմա այդ պարզուկ երգը ամէնուն առջեւ, փռելով պատկերները այնքան կենդանի, որ ամէն մէկը ինքզինքը կը գտնէր իր տունին մէջը, քովը իր սիրելիներուն: Ինչպէ՞ս այս սովորական եղանակը մէկէն ի մէկ ստացեր էր այս ահաւոր խռովքը, ու մութ, անգոյն յուզումները եղեր էին սա թրթռումին ու շօշափուող այրուցքին:

Միջամտեցին, որպէսզի շարունակէ:

Ու շարունակեց:

Այն ատեն, կիսակամար այդ նկուղին ներքեւ դող-դող ու կտոր-կտոր շինուեցան կեանքի այն ընդարձակ, անկորնչելի քանդակները, որոնց արժէքը անկէ հեռացուածները միայն պիտի դատեն այնքան իրաւ: Ու գեղանի թզենին իր ոստերուն մարմար միսերը կ՚ոլորէր, կիներու բազուկին ու աղջիկներուն զիստին նմանակ: Ու անոր պտուղներէն կը կաթէր մեղրը նման սիրոյն, զոր կիներուն բերանը գիտէ դուրս ծորել կամ աչքերը հեռուէն օրօրել:

Ու կեցաւ այդ նկուղին երկու կանգուննոց հասակին վրայ, ամբարձիգ նոճին, թարմ ու պատանի, որ գերեզմանի մը կուշտին սեւ-սեւ կ՚ելլէ վեր, հողէն հանելով շքեղ սիլուէթը հոն պառկած հարսին, զոր դանակ մը ճեղքեց իր փորէն, մեղքի մը սաղմը քակելու համար արգանդին ոստայնէն: Հէյ ժողովուրդի երգե՜ր, յիմար են ձեզ հասկցողները, որ հարիւր մէկով կը շղթայուին: Բայց ի՞նչ` միւսները, որոնք ձեզ կ՚ընեն մտիկ ու խոտերնին կ՚ուտեն, այսինքն` ոսկի կը դիզեն:

Ողողուած աչքերով բոլորեցին Սողոմը:

-Դուն ո՞ւր սորվեցար:

Կարծես մէկ բերան, հարցումը: Ու չէին գիտեր, որ կը վախնային երիտասարդին հաշուոյն, վասնզի երգին վերջին տունը մահուան ողջոյն մըն էր աշխարհին, անոր ամէնէն բարձր` ինչպէս խեղճ բաներուն, թագաւորին եւ գնչուին, իշխանի աղջիկ անմատոյց հանըմին` ինչպէս պարտէզ աշխատող պարզուկ պարմանուհիին, որ տարիէն կը դառնայ հարս:

Չպատասխանեց:

Հայը լրացուց ընկերներուն փափաքը, տալով փոքր տեղեկութիւններ: Սողոմին թուրքերէնը անբաւական էր այդ պաշտօնին:

Կէսօրուան ճաշին արդէն անոր անունը անցած էր նկուղէն: Դրացի նկուղները հետաքրքրուեցան նորեկով, երբ վանդակէ վանդակ ձայն արձակեցին:

Բաժինին պետը, հանգստեան կանչուած տասնապետ մը տարածեց անոր ձայնին քաղցրութիւնը ամբողջ այդ բաժանումին:

Արգիլուած գործիք մը - սազը -, հակառակ անօրէնին հրահանգին, ճաշէն ետք գաղտագողի մտաւ նկուղէն: Երիտասարդ հայը գիտէր նուագել ու պիտի ընկերանար Սողոմին: Մինչ այդ, կէսօրէն յետոյ, ժամը երկուքին թիւ տասներկու նկուղը արտօնուած էր բանտին խօսարան-ընդունարանը ելլելու, տեսնուելու համար այցուորներուն հետ:

Տեսակ մը մեծ, շատ մեծ գառագեղ այս խօսարանը, որ կը յիշեցնէր մզկիթներու բակին ութանիստ աղբիւրները ու զանոնք շրջանակող ցանկապատը: Անիկա բանտին այդ թեւին յանգումին վրայ, նոր կառոյց մըն էր, գործը` բանտերու տնօրէնին, գիտցողներուն հաւաստիքով` անոր աղջկան, որ Գերմանիա կրթուած հանըմ մը ըլլալէ զատ, կը հետաքրքրուէր բանտին կենցաղովը: Ով գիտէ ո՛ւր էր տեսեր այս դրութիւնը եւ համոզած հայրը այս կառուցումին:

Անշուշտ մարդասպաններու բաժինին երկար նրբանցքը այդ տաղաւարին հետ կը կապուէր մէկ մարդու բաւող անցքով մը, ամբողջովին երկաթահիւս, որուն վրայ չորս կէտերէ չորս խուցեր, մարդ մը կանգուն ընդունելու չափ մեծ, կը կատարէին անհրաժեշտ հսկողութիւնը: Իւրաքանչիւրին պահակ` սուինաւոր ու պատրաստ կրակի:

Տաղաւարին մարմինին վրայ, դուրսէն ուրիշ երեք ալ խուցեր կը կատարէին ներսին վրայ դաժան ու պարտադիր հսկողութիւնը:

Դուռը, ուրկէ արտօնուած էր այցուորներուն մուտքը, դարձեալ կը կրէր նոյն նկարագիրը: Մէկ մարդ միայն կարող էր անցնիլ հոնկէ մէկ անգամէն: Կենդանաբնական պարտէզներու մուտքէն կանոնաւորող այդ դրութիւնը գործն էր օրիորդին:

Շաբթուն մէջ որոշ օրեր, մարդասպանութեամբ դատապարտուածները հոն կը հանուէին պատահական այցելութիւնները ընդունելու ծանօթի, ազգականի, ծնողքի: Ասիկա նոր տրուած շնորհ մըն էր ասոնց, զրկուած ատկէ մինչեւ նոր ատեաններ, քանի որ իրենց յուսահատ արգելափակումին մէջ ինքնասպանութիւնները կը վերագրուէին այդ խստութեան ու մեկուսացումին:

Դեռ այցելու չէր երեւար, երբ թիւ տասներկու նկուղին պատժապարտները հատ-հատ առաջնորդուեցան խօսարան: Սողոմը անտրամադիր էր: Ընկերներու պնդումը, թերեւս արեւու լոյսին մէջ զայն լաւ մը տեսնելու թաքուն փափաքը, յայտնուած միաբերան բոլորին կողմէ, վերցուց անոր տհաճութիւնը: Բանտապահը խառնած էր իր ձայնը միւսներուն:

Օրը արեւ ունէր, թէեւ անզօր` բայց յստակ: Երեք օրէ ի վեր տեղացող տարափը աւլեր էր փոշին, որ բարձրապարիսպ խորութեանց մէջ կը յամառի, չվախնալուն հովէն, զոր կ՚անգիտանայ գրեթէ: Տաղաւարին երեք կողմէն Աստուծոյ արձակութի՜ւնը: Այսինքն` գետին, սալարկուած, ծառերով նաշխուն, որոնց ոստերուն ծայրին տակաւին չոր տերեւներ կը կենային չես գիտեր ո՛ր հրաշքով: Մարդեր, ոչ-ոստիկան` այլ քաղաքային տարազով, թուղթէ ծրար անութներուն, կամ տղաք, որոնք տերեւները կը շարէին դերձանի վրայ: Աւելի հեռուն, մօտ երկու հարիւր քայլ վերօք, ճակա՛տ, այսինքն` կուսակալին յարկաբաժինը: Մօտին` բանտին տնօրէնութիւնը, այսինքն` անոր բնակարանը:

Ո՛չ ոք, որ մօտենար երկաթահիւս դրան:

Բանտարկեալները յամառ էին իրենց իրաւունքը զիջելու նոյնիսկ այն պարագային, երբ ոչ մէկը ներկայանար իրենցմէ մէկին:

Նստեցան անոնք տախտակէ սեդ երու վրայ, երեսնին տուած երկաթ ձողերուն ու սպասելով:

Խօսարանին ուղղակի ոտքին` կանոնաւոր ածուներ, ամէն ձեւերով, որոնք կը մշակուէին թեթեւ պատժապարտներուն կողմէ: Անոնց մէջ շատ սիրուն զանազանութեամբ, ամէն եղանակի ծաղիկներ, առատ, բարի՜, բարի՜, բարի՜ բանտին մէջ բուսնելնուն, կարծես այդքան աղուորցած: Անոնց մշտական ներկայութիւնը, ժպի՜տը (թող ներուի այս բանաստեղծութիւնը) խոր էին, ա՛յնքան` որ կը յուզէին սիրտերը քարէ այդ մարդերուն: Ծառեր` թթենի, շագանակենի, մա՛նաւանդ հովանոցաձեւ կասկենի, խնամուած եւ յօտուն, որոնք աշունէն թեւաթափ, բայց ոստովի` պահող կնիքը զիրենք սիրող քաղաքին:

Աղբիւր, առատ, երգեցիկ: Ջուրը Պրուսայի դաշտին ամէնէն գեղեցիկ բերքն էր այդ ատեններուն:

Շաբաթը հեղ մը, այս տեսարանը, ազատ ու մանրանկար աշխարհի մը խռովքովը, անոնց հոգին կ՚ընէր տակնուվրայ, անոնց դարձնելով գրեթէ անկարելի զգայութիւններ, անոնց մէջ մշակելով տեսակ մը չիրագործուած մարդկայնութիւն, որ զաղփաղփուն բաներու ետեւէ` մեր սէրն է յաճախ, մեր տղայութեան մէջ այնքան կենդանի, երբ կը խաղանք, թիթեռ կ՚որսանք, ծաղիկ քաղելու համար անմատոյց գագաթները մինչեւ մեր մարմինը կը վտանգենք: Աւելի՜ն: Անոնք կ՚այցուէին հոդ բարիքին ալ զարկէն, արեւուն տակ այդքան անուշիկ դողացող այդ արարածներուն հոգին երբ կու գար իրենց չարիքի ծորակ ռունգերէն անցնելու ու իջնելու գէջ տրտմութիւնները մինչեւ անոնց սրտին, հոն բանալով «թաւիշ համբոյրը» բանաստեղծին, հոտած այդ անդունդին խորշերն ի վար սրսկելով թեւաւոր այն խաղաղութիւնը, նուաղուն քաղցրութիւնը, որոնք ծաղիկներու բոյրերը գահաւորակ կ՚ընտրեն յաճախ ու կը ճեղքեն մեր կարծրացած քարութիւնը, ինչպէս արեւը` ժայռերուն փերթերը կ՚անցընէ ջերմութիւնը իր շողերուն:

Ու այդ կէս վանդակուած օդին մէջ կը ծխէին: Այսինքն` կուլ կու տային ծուխը, անհասկանալի անյագութեամբ, քով քովի, փոքրիկ ծխաններու վերածած իրենց ռունգերը: Ի՞նչ էր համը այդ ծխազարկին: Սողոմը կ՚ամչնար հարցնելու ու կը դիտէր զանոնք, երբ դալկահար, ճերմակէն հեռու գոյնէ մը անոնց դէմքերը թարախի գոյն դեղնութեամբ մը ստուերուէին:

Անոնց դէմը, բանտերու մայր բակին մուտքին, փերեզակ մը կը գովէր իր սիմիթները, զինուորական իր վերարկուն կրելով հպարտ աղքատութեամբ մը: Թեւ չունէր, զոհած ըլլալուն, փատիշահի փառքին ու գոհ էր իր անկիւնէն, քանի որ բանտը երկու հազարի մօտ բնակչութեամբ քաղաք մըն էր ու կ՚ընդունէր հարիւրաւոր այցելու, բոլորն ալ իրենց վիշտին հետ օղակ մը ոսկեզօծ հաց փոխադրելով այդ անժառանգ սրտերու վայելումին: Տեղեր կան ու պահեր, որոնց մէջ նիւթական զգայութիւնները ինքնաբերաբար կ՚ոգեղինանան ու իբր ոգի կ՚աղբերանան թէ ներս, թէ՛ դուրս:

-Հո՛ս, հո՛ս, հո՛ս:

Ոչ ոք մէջտեղը: Բայց ձայնը ծանօթ էր միւսներուն, կոշտ ու հատու:

Բանտարկեալները թեթեւ քմծիծաղով մը գլուխ շտկեցին:

Անոնք շատ լաւ կը ճանչնային այդ կանչը, իր ձայնաստիճանին խորհուրդէն ու իմաստէն: Այսօրուան նման կոշտ ու հատու, այդ աղաղակը կ՚արտայայտէր խուլ դժգոհանք: Նշան` թէ այցելուները հաճելի չէին ծերունի դռնապանին: Ուրիշ օրերուն, այդ կտրուկ հրամանը կը փոխուէր փաղաղիչ քաղցրութեամբ, սիրտբաց հրաւէրին:

-Թող հրամեն:

-Հրամեցէք:

-Պէյեր:

-Էֆէնտիներ:

Այս ամէնը` ենթակայ նուէրներուն սակացոյցին: Թուրքերուն պախշիշ ը քիչ մը աւելի Արեւելք է անշուշտ:

Ալի Պապան ծանօթ էր մա՛նաւանդ իր անգթութեամբը ոչթուրք բոլոր այցելուներուն դէմ, երբ աղուորիկ պախշիշ մը բաւարար մեղմացում մը չստեղծէր իր կարգուսարքերէն: Անիկա չէր կրնար ժամերը փոփոխել անշուշտ: Բայց կու տար արգիլուած կարգ մը բաներ, հերի՛ք է որ հատու նկարագիր չունենային: Գինի, օղի, հաշիշ կը մտնէին այցուորներու կողմէ, բարեհաճ ու գնուած հաւանութեամբը հարիւրաչեայ դռնապանին, որ մէկ աչքով - միւսը փտած էր գլխուն իջած սուրի մը բերանէն - կը տեսնէր ամէն բան: Կաշառելի էր թղթակցութեան մարզին վրայ, սրտի մեծ գոհունակութեամբ, քանի որ իր ուղեղը չէր հասկնար, թէ մարդիկ ինչ չարիք կարող էին հասցնել իրարու… թուղթով: Իր պաշտօնէն վռնտուելու սպառնալիք մը միայն զինքը ըրած էր զգոյշ հայ բանտարկեալներուն հանդէպ, որոնք վնասակար թուղթերով կրնային փատիշահը անհանգիստ ընել, ինչպէս կը բանաձեւէր կացութիւնը, հայկական կարմիր թերթերը լսած ըլլալով: Ու կու տար թերթերը, թուրքերէն ու յունարէն, բայց կ՚այրէր հայերէնը: Ալի Պապան գէշ մարդ չէր: Պզտիկ հանմներու ձեռքէն քառասուննոցին հետ նամակներն ալ գաղտուկ կ՚անցընէր ու կը պահէր սիրային կապ մը ամիս, կէս տարի, տարիով պատժուածներուն ու անոնց դուրսի սիրականներուն մէջտեղ, բարիք կատարողի խոր գոհունակութեամբ մը:

Խոժոռ, առանց ժպիտի, մեծ մօրուքը թթուեցուցած` անիկա երեւցաւ սրտնեղ: Պարզ իր պատկերէն թիւ տասներկու նկուղին բնակիչները հասկցան այցելուները, դեռ զանոնք չտեսած: Ալի Պապային անզօրութի՜ւնը թուրք կիներու դէմ, երբ ասոնք այցի գային իրենց պատժապարտ պարագաներուն: Խուլ` բայց յայտնի զայրոյթով մը անիկա կը դատէր այդ հանըմները, զարմանալով անոնց հասկացողութեան պակասին: Ո՛չ խան ունէր, փա՜ռք Աստուծոյ, ոչ ալ խանութ: Ո՛չ տարիք, ոչ ալ աչք, որպէսզի մարդիկ թերանային իրեն հանդէպ իրենց պարտքը կատարելու: Այդ պարտքը թուրքերէն օրհնաբանուած ու ա՛լ օրինականացած կաշառքը չէր նկատեր ան: Երբե՜ք: Բաւական միւսլիւման էր Մարգարէն վիրաւորելու, դէմ երթալով անոր հրամանին, որ կաշառքը կ՚արգիլէ, բայց չի ճշդեր չափը: Իր ուզա՞ծը:

-Հեռու լսողաց…

Ո՜վ կը համարձակէր ցաւի այս տունին մուտքին այդքան անաստուած պահանջ մը պարտադրել: Բայց ո՜վ էր ան անաստուածը, քեաֆիրը, որ մեռել մը թաղող հոճան անօթի իր տունը կը ղրկէր: Ու ի՞նք: Անօթի՞: Չէր անշուշտ: Բայց տու՜նը: Այնպէս որ, անիկա տեսակ մը տուրքի կշիռ էր տուած իր գանձումին, որուն հանդէպ թերացում մը զինքը կ՚ընէր բիրտ, տգեղ ու հայհոյիչ, երբ այրեր ըլլային այցելուները: Համաձայն անոր անողոք սկզբունքներուն, անկարելի էր ներս մտնել, ըսել կ՚ուզէր` հանդարտ մտցնել արգիլուած ապրանք, տեսնուիլ ժամերով, դուրս հանել սանկ ու նանկ բաներ, որոնք բանտարկեալները շահ ունին բանտէն փախցնելու մէջ, առանց հատուցանելու Ալի Պապային տուրքը: Տո՜ւրքը Ալի Պապային, որ ունէր մէկ աչք, տուն մը զաւակ, վաթսուն հատ լուսնային տարի, չորս հատ կապար մարմինին զանազան գաւառներուն մէջ, միշտ «ի փառս փատիշահին» եւ ոչ մէկ միջոց ապրուստի, ո՛չ վարձք, ո՛չ ամսական, ո՛չ հեռուէ հեռու սանկ ճռիկ աղբիւր մը շահու, մեծցնելու համար իր զաւկըները, կէս-կէս թիզ տարբերութեամբ, բոլորն ալ վար քսանէն, եւ յանձնելու փատիշահին բանակին:

Ծանր պատժապարտներու մօտ ամէն այցուոր գոնէ տուփ մը սիկար չի մոռնար բերելու:

Դռնապանը շիտկէ շիտակ իր տասանորդը կը գանձէր, պատասխանելով ուղղուած կատակին:

-Ա՞տ ալ տղոցդ է, Ալի Պապա:

-Ա՜տ ալ մեծ տղուս, Ալի Պապային:

Ու ցոյց կու տար իր մօրուքը, որ կզակին վրայ դեղնորակ խաւ էր կապեր ծուխէն:

-Մօրդ կա՞թն է, Ալի Պապա:

-Յիմա՜ր, - կը պատասխանէր անիկա: Ու կը ձգէր, որ ուրիշներ լրացնէին լուսաբանութիւնը, զոր տուած էր ով գիտէ քանի՜ հարիւր առիթով: Մօր կաթը զանցառելի բան էր այդ ծուխին հետ բաղդատուած, ինչպէս կեանքը ի՛նք ալ կ՚ապացուցանէր: Չէ՞ որ հիմա պէտքը չէի՜ն զգար անոր, այդ կաթին: Ծուխի՞ն: -Անոր աչքերը շէշը պէշ կը տեսնէին 1, երբ սիկարին ժումը յապաղէր:

Անողոք էր անիկա հանդէպ ամէն դժկամութեան այրերու կողմէ: Ու անոր դժուարութիւնները կիներու երեսին բաւ էին զզուեցնելու այցելուն, իրենց արգելքներով: Ամէնէն աւելի կ՚ախորժէր գոց ձեռքով կիները սպասցնելէ: Զանոնք կ՚ենթարկէր կնոջ մը կողմէ անգութ խուզարկութեան, կը ձանձրացնէր իր ձգձգումներով, յետոյ կը հասկցնէր, բարբառուն օրինակներովը, ուրիշ ազատ մուտք ստացողներուն, Ալի Պապային օրով միայն չապրիլը: Այնպէս որ, ներսինները, ինչպէս դուրսէն եկողները համակերպած էին անոր տուրքին, որուն գանձումին եղանակները երբեմն խոշոր ալ զուարթութիւն կը պատճառէին տխուր սա տաղաւարին մէջ:

Բացաւ դուռը:

-Օդը պայծառ չէ այսօր:

Պարզ էր ակնարկութիւնը: Բայց ոչ-չար:

Բանտարկեալները խնդացին կիսաժպիտ: Գիտէին, թէ ովքեր էին այցուորները:

Երկու կին:

Այնքան լուրջ ու տխուր բան մը կը բերէին իրենց հետ, որ բոլորը մէկ, զգաստացած, ամփոփուած ելեր էին ոտքի:

-Բարեւ ամէնուդ, զաւկըներս:

Տարեց կինն էր խօսողը: Ան ի՜նչ բնականութեամբ, ի՜նչ քաղցրութեամբ բանտարկեալները անոր բերնին մէջ զաւակները եղան մէյ-մէկ մօր: Էի՞ն: Եղած էի՞ն սա արիւն խմած գազանները մօր մը ծոցին քնացող տղան, աշխարհի ամէնէն անուշիկ բա՜նը: Շունչէն տառապող, որովհետեւ ծեր, անիկա կը հեւար տաղաւարը գետինէն զատող հինգ ոտք սանդուխէն, ու կը ջանար ափովը պաշտպանել լարուած բերանը:

Դրաւ ծրարիկը կուշտին ու նստաւ:

Սեւ, անփայլ կտաւէ ֆէրաճէ ն 2 միակտուր բան մը կ՚ընէր անոր մարմինը բայց հիւսքին կոշտութեամբն ալ կը պատմէր աղքատութիւնը տունին, ուրկէ եկեր էր անիկա: Գլխուն` ճերմակ լաչակ, աչքերը միայն ազատ ձգող: Քրտնա՛ծ ալ, հակառակ զով օդին, քանի որ ափովը հով կու տար աչքերուն:

Վերցուց լաչակը:

Վաւերական պառաւ:

Բայց անոր դէմքը կ՚արտայայտէր կսկիծ ու ան ալ անյատակ տեսակէն: Սողոմը ապրեցաւ: Ուրեմն ցաւը սեփականութիւնը չէր մինակ իր գեղին պառաւներուն: Թուրքերն ալ կը տառապէի՜ն: Սուրի պէս հարուած մըն էր այս խելամտումը անոր ուղեղին: Իր տեսած թուրքերը մարդեր էին ուրիշ աշխարհի: Ասիկա՞: Ու նայեցաւ աւելի ուշադիր: Պառաւին դէմքին, ցաւի շղարշին հետ միւս ալ ցոլքը, բարութեան, քաղցրութեան ցոլքը, ան ալ ճանաչելի, ինչպէս էր երեսը իրենց գեղի աւագ շուրջառին. զոր միայն կու տար պատարագուոր եպիսկոպոսին, աչքովը հիանալով բեհեզի բացխփիկ ցոլքերուն ծալք-ծալք փոխուող ծիրանի՜ն: Հա՞յ:

Անոր քով, ոտքի, բարակ միւս ձեւ՛ը, խռովիչ` սեւ իր պատեանին մէջ, որմէ ձիւնի պէս մաքուր ձեռք մը կը հանգչէր պառաւին ուսին: Բանտարկեալները, վարժուած, եղան զգաստ: Իրենց ընկերոջը քոյրն էր անիկա: Բայց Սողոմը, նոր, անծանօթ այցելուին հանգամանքներուն, աչքով կ՚ուտէր այդ սուտ, փղոսկրեայ թաթիկը: Առաջին անգամն էր, որ այդքան մօտիկը կ՚ըլլար անիկա թրքուհիին:

Երիտասարդ կնոջ երեսը փակ էր բոլորովին, սեւ ու նրբահիւս վառով մը, որուն տակէն, իբր հաստ շուքէ մը, զգալի է հրապոյրը անոր դէմքին: Ինչպէս ուրիշ, այս անգամին ալ, հակառակ բանտարկեալներու պնդումին` անիկա չնստաւ:

Մօտ երեսուն տարեկան երիտասարդ մը, շղթային կողմը քիչ մը հակած ուսով բռնած էր ձեռքը այդ պառաւին: Դուրսէն դիտող մը դժուար կը զատէր մօր ու տղու դէմքերէն ո՞րն էր աւելի երիտասարդը, այնքան` գիծ ու արտայայտութիւն կը կրկնէին զիրար:

Լուրջ, խորապէս յուզուած, հազիւ կրնալով զսպել լացը, որ կար, բայց չէր թափեր, հարցուց անիկա:

-Ինչու՞ չբերիր նորէն:

Հարցումը նկատի ունէր իր երկու պզտիկները, որոնք ամիսը հեղ մը մեծ մայրիկին հետ այցի կու գային բանտի հայրիկին:

Արցունքի ու ջարդող տրտմութեան այդ տեսարա՜նը: Ինչպէ՜ս կը պլլուէր անիկա զաւկըներուն, երկու երեսներուն փակցուած անոնց այտերը, երկու թեւերովը հիւսած անոնց կնռակները ու աչքերը գոց հոտուըտալով անոնց վրայէն ինչ որ ազատութիւնն է դուրսի աշխարհին, լեռն ու դաշտը, խոտն ու ծաղիկը, ու մարդը մարդ ընող այն մեծ ու պզտիկ բիւրաւոր զգայութիւնները, որոնց մէջ կը լողայ մեր խեղճ մարմինը, առանց գիտնալու: Ու տակաւին անոնց թարմութեան մէջ կը փնտռէր ձայները իր արիւնին, իր երակներուն վատախտարակ իմաստութիւնը: Յետոյ` պոռթկում: Յետոյ` մանուկներուն ժպիտը: Ու ահաւորը, այսինքն` բաժանումը:

-Ինչո՞ւ չբերիր:

Պառաւը լռեց: Երիտասարդ կինը, առանց լաչակը ընելու վեր` շշնջաց.

-Մի լար նորէն:

Լացեր էր այդ մարդասպանը, տղոցը մտապատկերէն:

Սողոմը մոռցած շղթաները, տարուեր էր սեւազգեստ ու նրբահասակ ձեւին, աչքը ընելով դէմքէն թաթիկին: Մէկէն անոր միտքին շինուեցաւ գեղին տեսարանը, գնչու աղջկան հանդիպման կէտէն: Ու տեսաւ, որ պատկերը տեսակ մը անդրադարձ ալ էր: Եղաւ աչքին կէս կարմիրը հինայուոր ձեռքը գուշակուհիին ու կեցաւ քովիկը պառաւի ուսին հանգչող ձեւին: Յետոյ, այս զուգորդութեամբ` Նալպանտենց հարսինը: Այս մերձեցումը կոտրեց պատրանքը: Անիկա զգաց, որ բանտն էր ինկած հիմա, տուն կրակելու, երկու հոգի վառելու մեղքերով: Յոգնութիւն ու քրտինք: Ոճիրէն կը նեղուինք, երբ ջերմութիւն չէ անիկա: Յոգնութիւն ու բեկում, վասնզի պարուրուեցաւ աւելի տխուր բանով մը, - անիկա առաջին անգամ զգաց իր ահաւոր արարքը: Ու զգաց մա՛նաւանդ անոր կատարեալ յիմարութիւնը: Կնիկի՜ մը համար` որ սա դէմի ձեռքին պէս բան մըն ալ չունէր: Լախտի պէս հզօր այս ապաշաւը անոր սպառած հոգին անգամ մըն ալ տրորեց: Կախաղա՞ն: Չէր տեսներ: Բայց կը զգար, թէ չունէր վախնալիք:

Մօրը հետ խօսող երիտասարդը հարցուց պզտիկէն: Սորվե՞ր էր էլիֆպա ն 3:

-Կը կարդայ, - երիտասարդ կինն էր:

Անոր ձայնէն, ինչպէս մեքենայի մը հովէն, կը դողար Սողոմը:

-Աստուած չընէ, որ բերես:

Ըսողն էր կամար կռնակ ու խժան բանտարկեալը, որուն շղթան, բարակ երկաթէ, կը փայլէր փառ-փառ, վասնզի տէրը մենագարութիւնն ունէր զայն շփելու ամէն օր, չուխայի կտորիկով մը, իւրաքանչիւր օղակը, մատներուն հասման շրջանակովը: Քըմահաճո՞յք: Ո՜վ գիտէ: Հասան աղան, շղթայած ու ծառին գամած էր կինը, անտառին մէջ, հեքիաթի պատմում մը իրագործելով: Յետոյ դիզած փայտ մարմինին շուրջը ու կրակած: Մե՞ղք: Չունէր, բացի տգեղութենէն, զոր ստեղծեր էր անիրաւ վէրք մը աղուոր երեսին, վերածելով զայն ցուցանք բանի մը: Հոճա մը այդ վէրքը անուանած էր տունին վտանգը, զոր կրակը միայն կարող էր մաքրել: Այրած էր վէրքը, բայց այլանդակած, առանց բուժելու: Փոխանակ զայն արձակելու` անիկա իր տունին վտանգը անհետելու հոգով, մաքրած էր կինը, ու կը քաւէր իր ոճիրը: Տղու չափ բարի ու սիրտէն հարուստ, գրեթէ կու լար, երբ բացուէր խօսք պզտիկներէն: Հոճան իրեն զլացած էր ընդմիշտ զաւկի մը յոյսը:

-Իրաւունք ունիս, տղա՛ս:

Լռեց մայրը ու անոր հոգիին խոնաւութիւնը շոգեւոր բան մը կու տար անոր ձայնին:

Անհուն թախծութիւն մը մէկէն իջաւ բոլորին սրտին: Աչքերնուն առջեւն էր դժնդակ, անդիմակալ պատկերը - երկու պզտիկ, վեց եւ ութ տարեկան, փաթթուած իրենց հօրը սրունքներուն, հեկեկանքով ու պաղատագին, չձգելով, որ մեկնի հայրիկը: Ան ի՜նչ արցունքով անոնք կ՚աղաչէին ոստիկանին, որ սպասէ քիչ մը, Ալի Պապային, որ համոզէ հայրիկնին: Երկու ժամ տեւող այդ խօսակցութեանց ընթացքին, գառագեղ այդ տաղաւարը կը վերածուէր անոնց համար իրենց տան պարտէզին, ան ալ այսպէս վանդակուած, ինչպէս են պատուհաններն անգամ թուրքերուն: Կը պատմէին հայրիկին իրենց շինած բաներէն, - կօշիկ, քարէ, ոչ թէ անցեալ տարուան նման փայտէ, ջաղացքի քար, աղուէս մը եւ կեավուրի քահանայ մը, բոլորն ալ կակուղիկ կրաքարէն, որուն հանքը մօտն էր իրենց տունին: Ու պատմէր տակաւին հասած պտուղներէն, որոնցմէ շագանակները` շարոց, ու խնձորները` պսակ կը սպասէին իրեն: Մայր չունեցող տղոց սա աղապատանքը - անոնց մայրը մեռեր էր երկրորդ մանչուն ծննդաբերութեան ատեն -, զոր մօրուի մը վայրագ պատկերը ըրեր էր սրտառուչ սրբութիւն, տարիքին հետ կը զտուէր: Մօրուին մահը շունչ էր տուած անոնց յուսահատութեան: Կը զարնէին իրենց ոտքերը գետին: Ու կ՚ուզէին անպատճառ, որ դառնար տուն իրենց հետ, հիմա՛, որ սեւ մայրը (մօրուն) փախած էր տունէն: Քաղցր մանուկներու այս յուսահատ ու միամիտ պնդումը փղձկումը կու տար սա ապառաժ սրտերուն, որոնց ամէն մէկը առնուազն երկու հեղ տուն էր աւրած:

Եղաւ թոյլ լռութիւն:

Տխուր այդ անցեալը, ինչպէս սեւ մետաքսի շղարշ մը` իջաւ խորը անոնց մտքի ծովին ու լուծուեցաւ հոն: Վիշտը անդամալոյծ կ՚ընէ երբեմն մեր կամեցողութիւնը:

Դուրս գալու համար այս մղձուկէն` բանտարկեալ մը սիկար մը հրամցուց պառաւին, որ օրհնեց ու վառեց:

Կը ճանչնար բոլորն ալ: Երեք տարի է, կու գար անվրէպ, ամէն ամսու մէկ անգամ: Գիտէր ողբերգութիւնը ամէնուն: Պայրամէ պայրամ` անիկա կը կտրէր բերնէն, քարէն կ՚ընէր ճար, հասցնելու համար սա խոռոչին` տօնական անուշեղէնը:

Շատ տուողը` դրամէն,

Քիչ տուողը` հոգիէն:

կ՚ըսէր անիկա ու կը բանար բերանը իր փախլաւային: Ժողովուրդը մինակ վայրագութիւն, վայրահաչութիւն, զրպարտութիւն, անգթութիւն չէ թուրքին, ինչպէս հայուն մէջ, այլ` սա փոքր, տկար վսեմութիւններն ալ:

-Նո՞ր է:

Տեսեր էր Սողոմը ու նշանացի հարցուցած էր զաւկին: Երբեմն չենք պատասխաներ, յստակ չգիտնալով ինչուն: Բայց յետոյ կ՚անդրադառնանք, որ ուզած էինք խնայել մեզի չափ ուրիշները:

-Ի՜նչ ալ կէնճ է.

Բոլորը դարձան իրարու: Ո՞վ: Բանտարկեալները ամէնէն ուշ կը հետաքրքրուին տարիքով, որ ժամանակի ստորաբաժանում մըն է ի վերջոյ: (Անոնք մարդեր են, որ ամբողջը ուրացան այդ ժամանակէն): Յետոյ գտան, որ իրաւ էր: Տեսած էին Սողոմին թարմութիւնը, բայց չկապած զայն տեւողութեան յղացքի մը: Մայրերը միայն ամէն հասակ պիտի տարուին կապելու ժամանակի գիծի մը, վասնզի իրենք են, որ զաւակ մեծցնելու ճամբուն, ամէնէն աւելի զգացած են, թէ որքա՛ն դանդաղ, մազ-մազ կ՚աճին սա հսկայ ձեւերը, պատրաստ թիրախ` ճակատագրին հարուածին: Սեւազգեստ ու նրբահասակ կինը ձեռքը քաշեր էր պառաւին ուսէն:

-Անունդ ի՞նչ է, զաւա՛կս:

-Սողոմ:

-Սիւլէյման, - աւելցուց անոր հայ ընկերը:

-Ձե՞ր կողմերէն:

-Անոր պէս բան մը:

Պառաւը չգնաց առաջ: Հետաքրքրութիւնը ենթակայ է կարող մը օրէնքներու: Ներելի չէ ոճրագործէն լոյս ուզել իր ոճիրէն:

Պառաւը քիչ մը կոկուեցաւ: Դուրսը, մոլեռանդ քաղաքին մէջ, Հայկական ողբերգութիւնը ընդարձակ իրողութիւն էր կիներու մարզէն: Իրենց այրերուն հայհոյութեանց ընդմէջէն անոնք կը տեսնէին բարի թրքուհիները տիկ եղած այդ անիծեալ ազգին ֆետայիներէն: Այս տաղաւարին մէջ, դուրսէն ներարկում անհրաժեշտ էր սակայն: Ոճիրին սպասաւորները դժուար կը մտնեն ուրիշներու թելադրութեան տակ, բայց կը մտնեն: Ազգամիջեան ատելութիւնը, պետական մշակոյթ, զանոնք կը հրահր բացառիկ շրջաններու: Կը մեղքնայի՞ն: Տեսան, որ տժգոյն էր իրենց բոլորէն աւելի: Ու քաղցր` ոճիրին անծանօթ իր հայեացքովը: Անոնք ամէն նորեկի վրայ, փորձն ունէին այն վայրագ հեղումին, որով աչքերը, առանց պահանջի, ինքնաբերաբար կը թափեն իրենց մեղքը` շրջապատին: Ա՛յնքան` որ այդ նայուածքը խոստովանութիւն մըն էր ինքնին: Սողոմին վրայ ոչի՞նչ` որ մատնէր:

Չէր կարելի, այդպէս տարազել անոր միամիտ գեղեցկութիւնը: Բան մը զայն կը զատէր ընկերներէն:

-Քեզմէ՞ ինչ լուր:

-Ոչինչ:

Պատասխանողն էր հինգ տարիէ ի վեր երսունէն բաժնուիլ չուզող կարճահասակ մարդ մը, որ կերած էր վճիռը հարիւր մէկ տարի, բայց դիմած` թագաւորին: Սովորութիւն էր ատիկա, արդարութեան վրայէն ցատկելով, ճակատ քսելու փատիշահին «երկնաստիճան գահոյքին աստեղատիպ, աստեղակուռ ոտքերը»:

Դիմած էր ու ատիկա բաւ էր իրեն, ինքզինքը զատելու խումբին կնիքէն: Տեսակ մը շնո՛րհ, այս ինքնապատրումը, տրուածբանտին վարչութենէն: Տարին հատ մը-երկուք, նահանգներու բանտէն, բախտը կ՚ողջունէին կայսերական ներման արժանանալու:

-Աստուած ողորմած է, զաւա՛կս:

Ու չէր հարցներ, թէ ինք ինչու՛ չէր կատարած այս դիմումը իր ատենին:

-Ինշալլա՜հ, մայրիկ, ինշալլա՜հ:

Ախորժով ու յայտնի յոյսով այս բացագանչականը, ամէն անգամուն ալ բանտարկեալներուն սիրտը կը սեղմէր իբր կատարւելիք իրողութիւն: Նախանձէն դուրս զգացում մըն էր ասիկաանոնց մէջ: Կու գայ պահը, երբ ոճիրը մեզմէ վեր կը բազմի:

Այս աստուածային միջամտութեան հաւատաւորը կը մոռնար սակայն, թէ սպաննած էր քոյրը, ասոր երկու տղաքը, սիրահարը, չորս հոգի վայրկեանի մէջ, նոյն կացինով. վիրաւորած ու հալածած ոճիրէն յետոյ, գեղին մուխթարը, հոճան, պահապանները: Բայց չէր մոռնար երբեք, թէ ինք, առանց ոստիկաններէն բռնուելու, նոյնիսկ չփնտռուած, յանձնուեր էր գիւղաքաղաքի ոստիկանութեան: Ասիկա անշուշտ վեհանձնութիւն մըն էր, օրէնքին հանդէպ հսկայ յարգանք մը, ու կ՚արժէր գուցէ ա՛յնքան` ո՛րքան չորս աղտոտներու արիւնը: Իրաւ է, թէ կը մեղքնար պզտիկներուն: Բայց քրոջը մարմինէն իրենց գեղը մաքրելը պաշտօն մը կ՚արժէր, ոչ թէ հարիւր մէկ տարի: Ու անոր սիրահա՜րը, որուն հետ մէկտեղ էին մեծցեր վեցին-եօթին դուռներէն: Եւ որ անխեղճ էր եղեր…: Հայը պատմած էր արդէն դեռ հոս չեկած, արագ բառերով այս պատմութիւնը, պարզագոյն տարազով:

Ալի Պապային ձայնը թնդացուց հեռուները: Կը սաստէր պզտիկ մը, որ ծաղիկ էր փրցուցեր: Խնդուք:

Պառաւին մատները բացին ծրարիկը: Կը դողային, տարիքէն` որքան յուզումէն: Ուրիշ մը աւելցնէր թերեւս, աղքատութենէն` եթէ ծանօթ ըլլար պայմաններուն, որոնց մէջ կ՚ապրէր սա վաթսունէն վեր կնիկը, իր թոռնիկներով, տեսակ մը պատուաւոր աշխատանք մատուցանելով իր թաղին բոլոր հիւանդներուն, երբ կը ծախէր իր քունը ու կը հսկէր: Ան իր առջի հարսը գիրկին մէջէն յանձներ էր մահուան ու ատկէ ժառանգեր քաջութիւն հոգէառին դէմ:

Բաշխեց բոլորին ալ շաքար, չէր անդրադառնար, թէ գոյնն էր արիւնի: Գնած ըլլալու էր մուտքի ճակատին անկիւնը բռնող ուրիշ փերեզակէ մը, ան ալ, սիմիթ վաճառողին նման` մէկ թեւով, տարիներէ ի վեր «պսակուած այդ անկիւնին»: Միւս թեւը տուած պատերազմին եւ այդ առաւելութեամբ իրաւունք վաստըկած անհանգիստ չըլլալու Ալի Պապայէն, ինչպէս թաղապետութեան չաւուշներէն: Ու մուկ, օձ, կատու, թռչուններու տեսակներ, քով քովի, ամէնն ալ արիւնէ, ձողիկներու կատարին, աղուոր, գրգռիչ, խելքը առնելու չափ մանուկներուն, որոնք, բերանաբաց, կը յամենային տրտում մարդուն մօտ, քաշելով մեծերուն փէշէն ու անխօս, ոտքերնին առաջ, գլուխնին ետ, դէպի կախարդուած սեղանը անուշավաճառ զինուորին: Պառաւը վարժուած էր այս զոհողութեան, թոռներուն ստիպումով, որոնք «հայրիկը» տեսնելէ աւելի գաֆէս (վանդակ) շաքարավաճառը գտնելու ուրախութեամբ տուն-տեղ չէին սեղմեր այցի առաւօտէն իսկ: Վարժուած էին բանտարկեալներն ալ այդ անուշներուն, անասնիկներուն բարաւ սրունքները թեթեւ հաճոյքով մը կոտրելով իրենց աղօրիքին տակ ու օրհնելով մարդոց սիրտը, որմէ երբեմն շաքար կը վազէ: Առին: Յիշեցին պզտիկները: Կերան` օրհնելով: Անոնց հայրը մինակ ձեռք չերկարեց փայտ ձողիկներուն, ինչպէս միշտ:

Արեւը ինկած էր ներս, սալերուն: Համաչա՛փ, ձողտուած` նման դեղնաւուն կերպասի, զոր փռած ըլլան: Վանդակներուն ձողիկները մութ ու հաստ գիծերը կը քաշէին այդ կերպասին ու թեթեւ շամանդաղ մը գետինէն կը թրթռար ու կը լողար, աչքերը առնելով շատերուն: Լոյսի պակասը տկարացուցած էր անոնց բիբերը:

Ու ցուրտ սալաքարերուն վրայ այդ ոսկեդրուագ բանը կը փռէր հեռաւոր համեր, ամէնէն աւելի` արձակ բակի մը այնքան կարօտուած հեռանկարը, այդ մտերիմ, ու հաշուի չինկող պատկերը տուներու բակին, որուն մէջ եղեր էին, սա շղթայուածները, ատենին, շատ առաջ, մեկնելու համար, առտուան աշխատանքին, եզներուն բառաչովը օրօրուն ու իրենց քրոջը կամ կնոջը քաղցր ժպիտովը` թեթեւցող: Ի՜նչ տխուր բան է կեանքը, երբ կը ձեւուի վանդակի մը մղոցէն: Ու արեւը կը փոխէր հոգին ատ խոնաւ քարերուն, փոխելով քիչ-քիչ անհուն թախիծը, որ այդ շղթայուածներն էին, բոլորը մէկ, սուտ ըսուելու չափ անըմբռնելի, թխմուած սա գառագեղին: Մէկիկ-մէկիկ, բայց կամաց, իրարմէ անտեղեակ, մտան անոր լոյսին մէջ, վասնզի կը մսէին, արձակ հովէն ալ զրկուած մորթի գերզգայութեամբ մը, սարսռալով օդի փոքր ծփանքէն անգամ:

Խօսարանն ի վար, պարտէզ, խնամուած ու նոյնահասակ ծառերով: Թուրքերը աղօթավայրերը, կառավարական շէնքերը, բանտերու առաջադիր մասերը կը հագուեցնեն կանանչով: Միշտ զօրաւոր ու ինքնատիպ կառավարիչ մըն է հեղինակը այս պարտէզներուն, որոնք անգամ մը ձեւ առնելէ յետոյ, ամսականի դուռ են աս ու ան խօթացեալին: Ծաղկանոց: Ածուներ: Բոլորն ալ մրցելով քաղաքին է՛ն ջոջ փաշային գոնագներուն հրաշքին:

Երկու ծայրերուն (խօսարանին թեւովը) վանդակէն բացօք, երկու հովանոցակ, իրենք ալ վանդակ, բայց հիւսուած, ճերմակ երկաթ-ձողէն զատ բաղեղով, որմէ չորցած ցօղուններ, գալար-գալար, կը մնային առկախ, լխկած ու պատրաստ գետին խուժելու:

Այդ հովանոցներուն ներքեւ, քիչ մը աջօք, զոյգ աւազան, շատրուանով եւ ոսկի ձուկերով:

Պարտէզը կը յանգէր մեծակերտ շէնքի մը, որ պալատի մը մեծակառոյց դէզը ունէր, բայց ոչ` անոր արձակ, ողորկ ու շլացնող շնորհը: Յայտնի էր, թէ անիկա կը շարունակուէր խօսարանին հորիզոնէն անդին, կորսուելով ուրիշ կառոյցներու հանգոյցին կամ թեւերուն մէջ: Հսկայական պատուհաններ, կիսաղեղ ու մռայլ, բոլորն ալ վանդակուած, իրենց ամբողջ հասակով: Անոր երրորդ յարկը տեսակ մը պատշգամ էր, շէնքին ամբողջ երկայնքովը եւ որուն եզերացանցը ճերմակ ներկուած միջոցը կարծես կը տաճկըցնէր, Աստուծոյ բաժին օդն ալ վանդակելով:

Նկուղին` ափի մը կորութեամբ հորիզոնէն ետքը, որ ամբողջ եօթը օր եօթը գիշեր գդակի մը պէս կը կոխուէր անոնց գլխուն, բանտարկեալները, խատուտիկ այս արձակութեանց դէմ կը քաղցրանային սա հանգիստի ժամուն: Հակառակ շաբաթին, որ զանոնք կը զատէր այդ վայրէն, դիտելու իրենց զգայարանքները շատ արագ ու անվրէպ ճշդութեամբ արձանագրած էին պատկերները, որոնց հետեւելու էին: Այսպէս, անոնք գիտէին, թէ ժամը երեքին արաբ սպասուհիներ ձիւնէն ճերմակ լաչակներու հեգնութեան մէջէն, պիտի բուսնէին այդ ցանցակերպին ետեւ, ու պատշգամին ձողերուն ամրացնէին գոյն-գոյն սաւաններ, ճերմակին տիրական առատութեամբը, բոլորն ալ լուացուած, նոր ելլող` լեղակէն, որոնք գրկած ըլլալու էին նրբին հանըմներուն մարմինները եւ այդ մեղքին համար կը դրուէին արեւի: Այդ գերուհիներուն դէմքերը, կատարեալ բարեկենդանեան դիմակներու նման պիտի բուսնէին ցանցակերպ բազրիքին վերեւ ու մնային, խուզարկու, պաղած, ով գիտէ որո՛ւ ցանկալով: Յետոյ, բանտերուն ընդհանուր վերատեսուչը, որ գո՜րծը աւարտած, իր տունը կը փութար: Այդ յարկը անոր տրամադրուած պալատ մըն էր աշնանամուտին: Գլխուն աստղանկար գդակ, գիշերանոցին առաձիգ ծալքերուն մէջ իսկ փորը զսպելու անկարող` անիկա իր հանգիստը կ՚առնէր, օրուան յոգնութենէն: Գո՞րծը: Բայց դուք չէք գիտեր որքան ծանր է աշխատանքը մարդոց, որոնք այդպէս եղոտ պաշտօններու տեսուչը կ՚ըլլան, անհաս կամքովը վերի Աստուծուն եւ փատիշահին կնիկներէն մէկուն, երբ սուրճ խմելու համար կ՚անցնին պաշտօնատուն, օրուան թուղթերը կը ստորագրեն առանց կարդալու, տասը վայրկեանէն, կը խմեն իրենց թէյը յետոյ, թերթով ու անոր լուրերովը ու կը քրտնին այդ դժնդակ վաստակին համար: Ու կը տառապէր խեղճ վերատեսուչ փաշան, վասնզի եթէ իր ուժերը չէին վատնուեր պետութեան փառքին, բայց իր ժամերը, րոպէները, քուն թէ արթուն` նուիրուած էին իր փորը կրելու, - գերագոյն զբաղում, քանի որ տասը քայլ այդպէս բեռ մը տեղափոխելը հաւասար կու գար բանակ մը տասը ժամ ղեկավարելու: Չորս խաւ անոր վիզը կը խեղդէր զինքը, եթէ չմիջամտէր իր անսպառ հազը, հաստ ու դղրդուն, որ մսասիւնին մէջէն ժամը անգամ մը ճամբայ կը բանար անոր շունչին: Մեծաքանակ անոր խուխը երեք յարկէ վար ինկած ատենը կոտրող հաւկիթի մը նման կը տափակնար սալերուն, կամ ծաղիկներուն բաժակները խորտակելով կ՚առնէր-կ՚իջնէր: Տգեղ ու լիրբ այս պատկե՜րը: Դուք միամիտ էք: Անիկա հաճոյքով սպասուած պահն էր բանտարկեալներէն: Վասնզի այդ փորին զզուելի տեսիլը կը ջնջուէր ինքնաբերաբար, մուտք տալու համար գեղանի ու շնորհալի իր կէսին, թեթեւ շղարշով մը մազերը հազիւ ամփոփուած, երեսներէն բոլորովին մերկ: Հուրիները մինակ հեքիաթներուն մէջ չէ, որ կ՚ապրին: Անոնք այսպէս ցանցերուն ետեւէն երեւիլ ալ գիտեն:

Վերատեսուչին կինը սարայլը էր, այսինքն` իր կուսութիւնը տուած փատիշահին ու այդ զոհին գնով ձեռք ձգած սա էրիկը, ատենին գեղադէմ սպայ, կերուխումի հետամուտ, շատ կանուխէն միս դրած, հասնելու համար տակառատիպ իր արդի կաղապարին:

Այդքան բարձրէն անոր դիմագիծին անթերի շնորհը, սիրտ առնելու չափ քաղցր, կը ցաթէր գետին ու բանտին շրջապատը կ՚ողողէր բարիքով: Թագաւորին հետ պառկելուն հեքիա՞թը, թէ իսկապէս անոր կովկասեան գեղեցկութիւնը գահաւորակ էին անոր անունին կապուած սա դաշն գոհունակութեան: Հաճոյք ու վայելք է այդ պատկերը ունենալ աչքի տակ, ինչպէս իր ուրախ ժամերուն, այցելուներու պակսած ատեն, կը փսփսար Ալի Պապան, անոր ուշադրութիւնը գրաւած` իր հաճելի ձեւերով եւ տղոցը համար անոր աղջիկներուն հինն ու նորը տուն կրելով: Հանըմ էֆէնտին, միշտ Ալի Պապային երդումով, իր տեսած կիներուն - չէր խորհէր երջանիկ արարածը, որ երիտասարդութեան պոռնիկներէն զատ մինակ իր կնոջ դէմքը կը ճանչնար սա քաղաքին կիներէն - տեսթէ պաշին 4 էր (իր արհեստը դգալ շինելն էր) ու թող աչքերը հարամ ըլլային իրեն, եթէ սուտ կը խօսէր:

Աննման, սուլթանուհի կամ կովկասեան ցեղերուն խռովիչ դիմապարոյրովը խռովայոյզ այդ կինը կը խօսէր բանտարկեալներուն հեքիաթէն աւելի գեղեցիկ իր աղջիկներովը, որոնցմէ մէկը տարին քանի մը անգամ հազիւ կ՚երեւար, մեծ աթոռներու մէջ տեղաւորուած, առանց քալելու, այլ` սպասուհիներու ձեռքերուն մէջ ամբարձիգ: Հիւանդ էր անիկա ու բժիշկները Պոլսէն հոս էին ղրկած վերատեսուչ փաշան, աղջիկը աթոռներուն գամող ցաւին կապերը ջերմուկներով լուծելու յոյսով: Սրտառուչ բան էր անշուշտ այդ տեսիլն ալ, երրորդ յարկէն պարման աղջկան կալանաւոր մարմինէն: Բայց աւելի տպաւորի՛չը, մի՜ւսը, մատղա՜շը, մօրը պէս փոքր լաչակով չգոցող անգամ անոր հարուստ մազերը, ոսկեթել թնճուկ, ձգուած անոր դէմքին երեսները, այնպէս գողտր ու ոստոստուն, որ կը վախնայիր, թէ կրնային ձգել ու փախչիլ անոր խուրձերը:

Բանտարկեալները ծանօթ էին այդ մանրամասնութիւններուն, որոնք օր օրի կ՚աճէին, քանի որ անզբաղ միտքը իր թաթին ինկող ծուէն մը իրականութիւնը այնքան գուրգուրանքով կ՚ընդարձակէ: Մեծ հաստատութիւններ, որոնք արգելքներով զատուած են հասարակաց կեանքին լայն հոսանքներէն, այս կարգի յօրինումներու մէջ կը մնան անմրցելի: Վանքի մը ժամկոչը մօտաւոր գեղին պատմութիւնը գիտէ ահաւոր կատարելութեամբ:

Անոնք ծանօթ էին շշուկուած ալ բաներու, որոնք չարերու բերանը կիսաղեղ կը նետէ գետին, ձգելով հետաքրքրութեան ու բամբասանքի հովերուն առջեւ, որպէսզի աճին ու զարգանան: Այդ կէս բաները կապ ունէին հանըմ էֆէնտիին գեղեցկութեան, տարիքին, անոր էրկանը` վերատեսուչ փաշային գէրութեան, փորին, զզուելի հազին եւ դիւանի տնօրէն երիտասարդ սպային, որ յաճախ կ՚երեւար պատշգամին: Անշուշտ անոնց չէր տրուած գէթ մէկ հատիկ փաստ, սպան ու տիկինը քով քովի տեսնող: Բայց ի՜նչ կ՚արժէ աչքը այն բաներուն մէջ, որոնք մութին ծոցը կ՚ապրին: Ալի Պապան չէր հերքեր, առանց հաստատելու: Բայց իբր պալատին ընտանի աչք մը, յաճախ կը տեսնէր հարիւրապետ սպան փաշային բաժինին մէջ: Ատկէ անդի՞ն: Ժողովուրդը կը քալէ իր ճամբովը ու հաշիւ ալ չի տար, երբ կը զրպարտէ:

Եթէ տիկինին մասին շշուկները «դեդեւուն» էին, այսպէս ըսելու համար կը տարբերէին սակայն, երբ հարցը դառնար աղջկանը խենթութիւններուն: Ատոր համար կարիք չկար դժուար փաստերու: «Անամօթ» աղջիկը շաբաթը քանի՜ հեղ կեավուր կնիկի մը պէս հագուած, Ամերիկայէն նոր հասնող զբօսաշրջիկի մը անփութութեամբը կ՚անցնէր բանտին վանդակներէն, պարզ, կարեկցուն, օտար` այն խուլ ու խոր խռովքէն, զոր իր պտոյտը կ՚արթնցնէր նկուղէ նկուղ ու տարիէ է 5 տարիէ:

-Պոռնի՛կ, - շշնջաց կամացուկ, ամէնէն տարեցը բանտարկեալներուն, երբ ցանցակերպին վերեւ ծագեցաւ դէմքը մատղաշ աղջիկին:

Բանտարկեալները, զգոյշ, ճմռեցին իրենց բերանը, նախատինքը կոտրատելու համար իրենց ակռաներուն մէջ: Անոնց մօտ էր սեւազգեստ կինը, որ մոռցած պահը, տեղը, ուշադիր` պատշգամի պատկերները կը զննէր, իր չերեւցող աչքերուն սլաքը զգալի ընելու չափ լաչակին տակէն:

-Դժոխքը թափի գլխուն:

Պառաւն էր, բարձրաձայն, կարծես ըլլալով արձագանգը ամէնուն մտածումին:

- Չաթըր-չաթըր , - աւելցուց տարեցը ու չաւարտեց: Անիկա ձախ ուսին ողջոյն էր տուած, հոն հանգչող սատանան, թէ հրեշտակը կանչելու օգնութեան: Աւելորդ մեղք մը չէր ուզեր վաստըկիլ, հիմա, Պարտագ (սափոր) Մուսթաֆան, բրուտ արհեստով, որ ցեխով խղդեր էր կինն ու զոքանչը, զանոնք պարուրեր սափոր շինելու կաւով ու գիշերը կէսին դրեր փուռը, մեծ գուբերու հետ, եփելու անոնց դիակները: Մեղքերնի՞ն: Մե՜ծ բան: Չին ուզած գիշերը մնալ: Բարկութիւնը մարդը խենթ կ՚ընէ: Ու խենթեցած` Մուսթաֆան խղդած էր երկուքն ալ: Ոճիրէն ետքը` անիկա նամազէն չէր թերանար ու կ՚ընդդիմանար նոյնիսկ մլուկներու եւ ոջիլներու ջարդին: Մարդիկ իրաւունք չունէի՜ն Աստուծոյ արարածները այդպէս սպաննելու: Ու կը դողար խեղճ մարդը մեղքէն, նոյնիսկ բառերով շահուելիք մեղքէն:

Վերատեսուչ փաշային կինն ու աղջիկը, բանտարկեալներուն ծամոց ըլլալէ առաջ, ծամոց էին քաղքին կիներուն: Ո՛չ պարահանդէս, ո՛չ մամուլ: Այո՜: Բայց կիները զիրար գզելու համար չեն նեղուիր տեղէ: Կը պատմէին կարելի լրբութիւններ, անկարելի բաներու կողքին, նիւթ ունենալով բարքերու եւ սովորութեանց դէմ մօր ու աղջկան ընդվզումները: Փաշաներու տիկինները յիմար չէին սա մօր ու աղջկան նման: Անոնք երեքով-չորս ու երբեմն տասով-քսանով, պալատի մը կանանոցէն վանդակուած, խելք ունէին անշուշտ զիրար տանելու, ըսելու կ՚ուզեմ` հանդուրժելու, երբ, իրենց սիրային կեանքը կը պատսպարէին այնքան խնամքով, անձեռնմխելի` աշխարհին ու գիտէին իրենց սիրականները պահպանել հազար ձեւով, անոնց հագցնելով մինչեւ իսկ սպասուհիի տարազ ու առնելով իրենց ծոցը: Շնութեան մէջ հնարամտութիւնը Արեւելքի պալատներուն նկարագիրն է յաճախ: Բանակ մը ծառայ ու ներքինի կը զինակցին տիկիններուն: Ու կ՚ատէին նորելուկ այս լրբութիւնը, աղջկան վրայով, որ կ՚արհամարհէր քողը, հակառակ օրինական տարիքը շատոնց անցած ըլլալուն:

-Օրէնք, կրօնք ոտքի տակ… վալլա՜հ-պիլլա՜հ…, - ակռաները կճրտելով նետեց մէկ ուրիշը, որ հաւու պէս մորթած էր երկու հոճա իր ծխախոտի արտին մէջ, կտոր-կտոր ըրած դիակները, աղա՛ծ ալ թաղելէ առաջ, որպէսզի չհոտին: Ի՜նչ գիտնար ատիկա, թէ սոխ թաթխելիք ափ մը աղը անբաւական էր երկու հոճայի միսերուն: Մոլեռանդութեան ճամբով ոճիրին հասած այդ որսորդը ամէնէն անողոքը կը նկատուէր խմբակին:

-Մայր ու աղջիկ մէկ…

Ու ձեռքով կը ձեւէր տեսարանը, որուն համեմատ երկուքին ալ գլուխը կ՚առնէր տապարի մէկ հարուածով: Փալամուտ ի (ձուկը) նման մարդկային իրան աղելու մասնագէտ որսորդը կը դեղնէր մտապատկերին ճնշումով, ու կը հազար` իր բերնին այցող միսին գարշագին համը դուրս պոռթկալու համար: Սպաննած էր, կասկածով, երբ դիւրին էր կինը արձակել: Չէր ըրած այդ ստորնութիւնը, չհանդուրժելուն` խաղքութիւնը կրօնքի մարդերուն:

-Սարայլը է…

Ոչ ոք դարձուց ուշ, ով էր ըսողը: Բաներ կան, որոնք կը լսենք ու չենք իմանար: Անոնք ուրիշէն գալէ առաջ մերն էին արդէն:

-Ի՞նչ է սարայլըն, - հարցուց Սողոմը, միամիտ, թէեւ քիչ մը վախով, աչքերը առանց զատելու վերնայարդար պատշգամէն, ուր գծուեր էր ամբողջ հասակը մատղաշ աղջկան:

Մօտի սեւ ձեւը ու դէմի անթերի պարմանուհին իրար կը կրկնէի՞ն անոր ջիղերուն վրայ: Կինը մեր մէջ անցեալ չի կրնար ըլլալ: Անոր ճակատագիրն է րոպէով ապրիլ: Պահէն, ներկայէն դուրս անիկա ուրիշ բան է, թերեւս բարեկամ, մտերիմ, մայր, քոյր, բայց երբեք կին: Սողոմենց տղան քսան չէր մտած: Ու անոր զգայարանքներուն վրայ տարփանքին աղը խառն էր արիւնով ու կրակով: Բայց քրտնեցաւ անիկա, երբ իր անցեա՜լը - որքան մօտ էր ան - խուժեց հեղեղով կրկին իր վրայ: Ու անիկա դաշտէն խելայեղ տուն վազող մշակն էր, հազիւ ետ կեցած քայլը լարերէ, երբ մատները դպան շղթային:

-Վար նայէ:

Հայն էր ըսողը, հայերէն: Այս յանդգնութիւնը վտանգաւոր էր, ոստիկանին ներկայութեանը: Բանտարկեալները արգիլուած էին օտար լեզու խօսելէ: Ամէնքը նայեցան, նեղուած ո՛չ թէ հայ երիտասարդին, այլ` Սողոմին, որ բերանաբաց կը սպասէր չէր գիտեր ինչ բանի:

Թուրքին այս տհաճութիւնը, քրիստոնեայի աչքէն, կու գայ շատ խորէ, գուցէ շատ հեռաւոր փորձառութեանց բաւիղներէն: Նամեհրամը քիչ դեր ունի դժնդակ այս զգացումին ծագումին մէջ: Դարերով, քրիստոնեան կեցած է անոնց դուռին իբր աղբ մը, աղտեղութիւն մը ու իբր այդ մաս է կազմած անոնց զգայութեան: Թուրքերը, անկեղծութեան պահերու, չեն ծածկած այդ զգայութիւնը հրապարակ ալ դնելէ, երբ ամերիկացիները կարկամեցուցին` անոնց քիթին նետելով սեւերու հանդէպ իրենց խորշանքը, փա՜ստ` փաստերու, ու տարօրէն ճիշդ: Ո՞ր թուրքը միտքէն կ՚անցընէր մեղադրել Նիւ Եորքի խաղաղաւէտ ու դեմոքրաթ կեանքին, երբ ասիկա մողէս մը կոխկռտելու պժգանքով կը բզկտէ սեւամորթ յանցաւորը: Հոս մեղքը, որքան ալ մեծ ըլլայ, անշուշտ չի հաւասարիր հայերուն մեղքին, որ տկարութիւնն է: Մեր ալ մեղքը, այս ճշմարտութեանց ուրացումը: Ինչ շուտ ալ մոռցանք, թէ տակաւին կէս դար առաջ, անհաւատի ամէն աչք, որ նայած էր ուղղակի հաւատացեալ կնոջ մը երեսին, դատապարտուած էր, այդ իսկ փաստով, առնուազն հանուելու: Ազատում մը կարելի էր կրօնքի փոփոխութեամբ մը: Տասնիններորդ դարու վերջին կէսը թուղթի վրայ, սրբագրած ըլլալ կը յաւակնի այս մտայնութիւնը: Մինչդեռ, միւս կողմէ` աւելի քան իրաւ է, որ թուրքերը խոր ատելութեամբ կապուած են կեավուրին ամէն բանին հետ: Կրօնական թոյնը ամէն բան չի բացատրեր: Տէր եւ գերիի յարաբերութի՞ւն մը: Ո՜վ գիտէ: Հարիւր տարի առաջ մեր մեռելները թաղելու համար հոճայի մը հայհոյալից արտօնագիր անհրաժեշտ էր, տարօրէն խորունկ այդ թուղթը, ուր սրբասուն կրօնաւորը սատկած մեր դիակը թաղել կը հրամայէր, որպէսզի անիկա չապականէ Աստուծոյ սուրբ աշխարհը, հողի՜ն երեսը: Ասիկա վաւերական է տասնութերորդ դարուն: Ու վաւերական է նաեւ հիմա, անշուշտ երանգի տարբերութեամբ: Հիմա մեր դիակները չէ, որ կ՚արհամարհեն, այլ` ողջերը: Երբեմն-երբեմն փաշաներու տուներուն մէջ տեղի ունեցող սիրային դրուագներ, քրիստոնեայ ծառաներու եւ տան կիներու ընդմէջ, խորունկ պատմութիւններ են, անջնջելի իբր դէպք, ու ահաւոր` այրերէն ներս իրենց արթնցուցած զայրոյթին թոյնովը: Յետոյ, պէտք չէ մոռնալ կարգ մը բաներ: Ամէն թուրք, որ քաղաքը կ՚ապրի եւ կ՚ապրի թուղթ մրոտելով կամ պետութեան ծառայելով, կեանքը կը տեսնէ երկու անկիւնէ: Անոնցմէ մէկը, հիմնակա՛նը, եռանկիւնն է սեռին, որուն չափումը զարգացուցած են թուրքերը շատ աւելի գերազանց գիտութեամբ, վայելչութեամբ, քան ուրիշ ոեւէ ժողովուրդ: Ոչ մէկ ազգի մէջ, կինը - քաղքենին կ՚ակնարկեմ - այնքան շատ, ուժով, կատարեալ կին է, որքան թուրքերուն մէջ: Այս կատարելութիւնը կ՚առաջանայ մինչեւ ինքնավտանգում, երբ խելայեղ, այդ կատարելագործուած, զաղփաղփուն հանըմները բաց ծով կ՚իջնեն իրենց սեռային կողմնացոյցներէն բռնավար: Արգելափակումը անոնց մէջ սրած է սեռային ջիղերը, անհամեմատ նրբութեամբ: Միւս կողմէ` ամուսնական կենցաղի մէջ կիրարկուած օրէնքները զայն կը վերածեն անօրինակ կենդանիի մը, որուն գերագոյն մտահոգութիւնն է ամէն րոպէ ըլլալ աւելի ցանկալի, աւելի համով, աւելի գրգռիչ: Անկողինի գիտութիւն մը, մասնագիտութիւն մը, մագիստրոսութիւն մը զանոնք շեղած է կեանքին միւս հետաքրքրութիւններէն: Այս բացառիկ ընկալչութիւնն է պատճառը, որ թուրքերով բնակուած հողերը ամէնէն շատ ըլլան յագեցած սեռային մեղեդիով: Այդ է պատճառը, որ անոնց վրայ թաւալուն երգերը ըլլան այնքան հեշտայոյզ ու փոխարինեն, դարերով, իմացական հոսումները ցեղերուն: Հոգեկան այդ խտութեամբ ոլորտի մը մէջ, կիներով ճառագայթուն խռովքը այնքան խոր է, որ այրերը կը տառապին ո՛չ միայն անոնց մարմինովը, զոր ի վերջոյ խստամբեր օրէնքներով փորձեր են ըրած շղթայելու, այլեւ` անոնց հոգեկան այդ հեղումներուն հաշուոյն: Կը նախանձին, գուցէ առհաւօրէն, իրենց մօտիկ պարագաներէն: Այդ ժողովուրդը աղբօր կինը չի վստահիր աղբօր: Ու մեծ է թիւը հայրերուն, որոնք իրենց զաւակներէն չարանան իրենց երկրորդ, երրորդ կիները: Ա՛լ հասկնալի է անոնց դիւրայուզութիւնը հանդէպ քրիստոնեային: Կը նեղուին նոյնիսկ անոնց շնչած օդէն, որ կրնայ անոր բերանէն համ ու հով փոխադրել դէպի վանդակները իրենց տուներուն: Ու դուք չէք գիտեր, թէ ինչ հոգեբանութիւն է թուրք կինը սանկ միջակ տունէ մը ներս: Պալատներու մէջ` անիկա` ողբերգութիւն, նման համեստ բնակարաններու մշտական պատարագն է անիկա, սիրոյ աստուածներուն նուիրուած որոջ, որուն բուծումն ու վայելումը դէմքի գիտութիւն ըլլալուն չափ, արիւնի վարդապետութիւն ալ է: Հաւաքական այս զգայութիւնն է, որ այրերը կը փաղանգէ իրարու ջարդելու ատեն եւ կը շղթայազերծէ անասելի անասնութիւններ: Քաղաքակիրթ աշխարհը դժուար պիտի հասկնայ անըմբռնելի արհաւիրքը հոգիին, որ մեծ խաղաղութեամբ, անտիրական խումբերու մէջէն կը զատէ հասուկ աղջիկները ու կը կրէ դէպի իր տունը, բաշխելով զանոնք պտուղներու նման, բաժին հանելով տղոցը, աղբրտանցը, գործով հեռու ազգականներուն: Ասիկա, ինչպէս ըսի, բարերարման մեծ խաղաղութեամբ մը: Այրերու մէջ այսքան սուր, առատ այս ախորժակը կ՚անդրադառնայ էգերուն, շրջուած ձեւով: Անոնց կիները պատահական յարմարութիւնները կ՚արժեւորեն նոյնքան սուր ու առատ ախորժակով, նրբութեամբ մը, խորութեամբ մը` հեշտանքի գիտութենէն, որոնք անոնց մարմինին խորշերէն ու փապերէն կը ստեղծեն «անտիպ սարսուռներ»: Քրիստոնեան գլխուն կամ հաւատքին գնովը փորձը կ՚առնէր այդ սարսուռներուն: Ու այս ամէնը` սանկ գեղէ գեղ, միջակ կալուածով, խելօք տուներէ: Պալատական շրջանակը, կիներուն հակընդդէմ ճակատումը, հարստութիւնը, տանուտէր-իշխան-փաշա-պէյ-աղային անձնական խառնուածքը, հասկնալի է, որ ինքնին տրամաթիք այս բռնկումները բարձրանան հսկայ ողբերգութեան: Որ մոթուին կիներ, չորս-հինգ, մինչեւ տասը, դանակովը անոր, որ զանոնք օր մը առաջ կը փայփայէր, ու մորթուին` գոհացում տալու համար նորի մը, որ այդպէս կ՚ուզէ: Հարիւր տարի առաջ այս բարքերը կային: Հիմա` կը վտարուին, ինչ որ աւելի տխուր է անշուշտ, քան մորթուիլը: Սարայլը կինե՜րը: Անոնք Աստուծոյ փորձանքն են գաւառներու մռայլ պալատներու մէջը: Սողոմը պիտի ճանչնար անոնք ալ:

Բաներ կան, որ կը սորվինք շատ դժուար: Ուրիշին օգտակար ըլլալու գիտութիւնը ատոնցմէ է ապահովաբար: Կան ուրիշներ, որ անզգալաբար կ՚ըլլանք իւրացուցած: Շշուկ մը, ակնարկութիւն մը բաւ են յաճախ, որպէսզի սեռային իմաստութիւն մը խմենք մեծ «փութով»: Սարայլընե՜րը: Հարկաւ: Սողոմին մտքին կամուրջ էր ձգուած, որուն հակադիր ափերուն Նալպանտենց հարսն ու հազիւ տեսնուած գնչուհին իրարու կը նայէին: Անոր զգայութիւնները մօտ էին իջնելու այդ հունին, երբ անակնկալ զարկ մը խրոխտ քայլերու լսուեցաւ վարի պարտէզի մուտքին:

Հաստ ու կոպիտ այդ զարկը, բանտարկեալներու բանակովը մէջտեղ ելած սալարկին վրայ, ըլլալու էր ուշագրաւ, վասնզի սարայլը մայրն ու աղջիկը փութացեր էին վանդակորմը:

Երկաթ ձողերը, հորիզոնական, օդակառոյց ուղիներու նման, հազիւ կը հասնէին անոնց կուրծքը, որ դրած էր իր բեռը ձողերուն: Քառսուն-յիսուն մեթր հեռաւորութիւնը գուցէ պղտորէ մեր երեսը, բայց չի կրնար ջնջել մեր մորթը: Երկու կիներու կիսանդրին այդքան վերէն պատկեր կը կազմէր:

Ով գիտէ ո՛ր յաւիտեանէն ի վեր սեռով լլկուած, բանտին անօթիները հազիւ ականջ ունեցան տպաւորիչ ոտնազարկին, ըլլալու համար լիասեւեռ աչք ու ուրուշ պատշգամի տեսիլքին:

Արեւին մէջ, որ երկինք չունէր, կիներուն զգեստը, բիւրաւոր զանակներով, կը շինուէր ու կ՚աւրուէր, անոնց փոքրագոյն իսկ շարժումէն: Մետաքսը այդ խաղերը ունի: Ու մօրը մեծ երեսները կը կլորնային, կարծես աւելի մեծնալով` պզտիկնալու փոխարէն:

Բանտարկեալները մոռցեր էին ահը վերատեսուչ քոմանտան փաշային, որ փորովը մտիկ կ՚ընէր տանջուելիք մարդոց ծեծը, աթոռէն առանց շարժելու եւ ծեծին չափը կու տար հայհոյութեանց համրիչովը: Մոռցեր էին իրենց դատապարտութիւնը, գուցէ իրենց անձը, նոյնիսկ սեռին ակօսներէն, մնալու համար բերանաբաց կախարդական պատկերին դիմաց: Զանոնք դիտող մը պիտի հասկնար թրքական այն բազմահագագ ծփանքը, զոր կը ստեղծէ հանըմի մը անցքը հրապարակէն: Զանոնք դիտող մը պիտի հասկնար իր լիութեան մէջ օրէնքը, որ կը հրամայէր սեփական կիներու փակել իրենց դէմքը, լռելեայն հարկադրելով հակառակը` ուրիշներու:

Անոնցմէ ոչ մէկը արժան համարեց դառնալ ետ, սաստելու գէթ աչքով, պառաւը, որ կու տար լեզուին, այլուրային ատելութեամբ, գրեթէ փրփրելով իր անզօր կատաղութեանը ճանկին: Իր տղուն սա վիճակին անիկա պատասխանատու կը ճանչնար այդ կարգի կիները, բոլորը մէկ, վասնզի պալատէն փախած պոռնիկի մը գնով էր, որ անիկա մտեր էր ոճիրին մէջ, ձգելով որբ իր մատղաշ տղաքը, ճեղքելով փորը իր կնոջ, հոն կասկածելուն օտարին սերմը, կասկած` զոր յղացած ու ցանած էր անոր մտքին մէջ անաստուած պոռնիկը: Յղի իր կինը մեռած էր իր էրիկը համբուրելով: Մա՜յրը: : Հիմա` անոր մօտ նրբամարմին ձեւը, որ կը տառապէր: Ան ալ արձակուած էր իր էրիկէն, նետուած իր մօրը վրայ, նման կնիկի մը սադրանքին զոհ երթալով: Անոր էրիկը, կաշեգործ ու հոտած, իր տեղը բերեր էր տասնհինգամեայ ուրիշ աղջիկ, ազգական` զինքը իր տունէն քշողին: Ու այս ողբերգութեանց անանուն պատասխանատո՛ւն, միշտ նոյն գիծէ կիները: Անիկա, ատեն-ատեն, մատները բերանը կը դնէր պառաւին, սանձելու համար անէծքին թափը, անոր լեզուէն:

-Վա՞խ:

Զինուորը կը սիրէ խոնարհները, տարբերելով եղէգի մարդերէն, որ կ՚ատեն զանոնք:

Խումբը հասաւ խօսարանի մուտքին:

Չորս հոգինոց նոր պահնորդ խումբը, որ տեղը կ՚առնէր նախորդին:

Խօսարանին ներսէն նայուածքները տեսակ մը խօլ նախանձով չափեցին այդ երիտասարդները, աւելի ճիշդ` անոնց ուսի հրացանները: Զինուած ու ազա՜տ: Եղեր էին այդ հրաշքը, ատենին, Աստուծոյ մեծ լեռներուն մէջ, անոնք` որ հիմա շղթայ կը կրէին:

Յիսնապետ մը - ուսնոցները իրենց աստղովը կը ճշդէին անոր աստիճանը - մտաւ ներս, ձեռքին` կտոր մը թուղթ, մեծակնիք ու բերանաբաց:

-Սուղում օղլու Սուղում…

Ձայնին մէջ` ցասում, անհանգիստ ըլլալու արդիւնք: Անիկա կանչուած էր, երբ կը պատրաստուէր մեկնելու ջուրերը, Ջերմուկները, Պոլսէն նոր ժամանած դերասանուհի մը խաղցնելու ու` կատղած սա կեավուրին կտորէն: Ձայնին մէջ, բացի այդ արդար զայրոյթէն, պայմանական խուլ արհամարհանքը հանդէպ կեավուրին: Տակաւին` ապուշ ու փչուած պաշտօնականութիւնը, որ Պերլինէն կու գայ, այսինքն` հրաման արձակելու գոռ շեշտը, որ զինուորին բոլոր շարժումները կ՚առնէ իր կնիքին մէջ: Գերմանական տիսիփլինը կը պատժէ այն զինուորականը, որ կը խօսի մարդու պէս: Պէտք է հրամայէ: Ձայնին մէջ, այս ամէնէն դուրս, աւա՜ղ, շա՜տ, բեռնով, խանթարով, չէքիով թրքութիւն, որ միս-մինակը կը բաւէր այդ երջանիկ ապուշը վերածելու ամէնէն անտանելի ամօթին: Կարելի է մեր աչքերը սխալ կը դատեն այս մարդերը:

-Սուղում օղլու Սուղում…

Յետոյ, ակռաները աղալէն`

-Ո՞ր խոզն է:

-Հոս է:

Սողոմին տեղ, որ խորապէս խանգարուած իր զգացումներուն բաւիղներէն` պատշգամին տեսիլքով, մնացեր էր լուռ, անշուշտ չգիտնալով ինչուն ու, մա՛նաւանդ` այլանդակ կոչումէն շփոթած, ձայնողը եղաւ ընկեր հայ երիտասարդը, որ ջանացեր էր պարտկել անփորձ տղան, զոր կը տեսնէր յայտնապէս յիմար, վերացած ինքիրմէ ու սա աշխարհէն:

-Եօթն անգամ եօթը խոզի ձագ:

Հաստ, գեղեցիկ, լեցուն սա նախադասութիւնը, որ այնքան դաշն կերպով կը համեմատէր սպային անթերի տարազին: Այդ բառերը հագուած էին եօթը դարու անկայուն, անխառն թրքութեամբ: Որ Մոնկոլիայէն մինչեւ Աւստրիա ողողեց աշխարհը ու եօթը քաղաքակրթութիւն տաշտաթա՜ղ ըրաւ, որպէսզի զանոնք իբր իրը հռչակէ հիմա:

Նոյն ատեն անիկա իջեցուցած էր մտրակը պատասխանողին քիթին ու բերնին: Հայ ծեծելը ո՛չ միայն բարքերու մաս կը կազմէր, այլեւ, - մա՛նաւանդ, ազգային պարտականութիւն կը նկատուէր: Ջարդերէն ետքը թուրքերը չթերացան իրենց հայրենասիրութեան մէջ:

Առաձիգ գործիքին շառաչը այնքան ուժգին էր, որ բանտարկեալները բոլորը մէկ բերաւ ետ իրենց յառումէն: Տարօրինակ էր, որ անոնք, ատենին հայ այդ երիտասարդը խեղդելու փորձ մը ըրած ըլլալնուն հակառակ, վրդովուէին հիմա, սպային հարուածովը: Անոնց նայուածքը արգահատանքով մեղմացաւ ծեծ ուտող մելամաղձոտ ու տժգոյն երիտասարդին, որ զօրաւոր անցեալով քոմիթա հոտող մարդասպան մըն էր, հագած իրենց պէս հարիւր մէկ տարի: Մե՞ղքը: Սպաննած էր ասպատակներ, որոնք թագաւորին ճամբան կը կապէին ու խեղճ ու կրակ ճամբորդները կը կողոպտէին, պատահական կիներն ալ բռնաբարելով:

Երիտասարդը, անխօս, պահեց ինքզինքը:

-Սուղում օղլու Սուղում չէ անիկա:

Խժան ու կորաքամակ բանտարկեալն էր, յուզուած ու յայտնապէս դժգոհ: Նկատի ունէր կիներո՞ւն ներկայութիւնը, թէ ուրիշ ներքին զգացում մը կը խռովէր զինքը հայ երիտասարդին հաշուոյն, զոր կը սիրէր, ինչպէս կը սիրէին ընկերները, իր խորունկ վէպին ու դժբախտութեան համար: Անիկա վրայ տուած էր առնութիւնը, դաւադրական ձեռնարկի մը մէջ, ապրելէ յետոյ պալատական տիկինի մը ամբողջ տարփանքը, գլխուն գին կտրուած ըլլալով մէկտեղ: Ու տխուր էր մորթուած մէկու մը նման, որուն գլուխը քանի մը դնդերով կապ կը մնայ իրանին:

-Սողոմը ես չեմ, պէյ:

Բռնազբօս հանդարտութեամբ:

Ընկերները սարսուռով լսեցին այս բառերը, ու խորհեցան կռիւներուն, որոնց մէջ այդ գառնուկի ձայնը որոտումի նման լեցուցեր կիրճերը ու ոստիկանները հալեցուցեր էր ահէն:

Ի՞նքը: Կը զգար, թէ բառերը աղացուած էին ատամներէն: Այնքան հզօր էր բռնութիւնը իր անձին վրայ, անօգուտ ու նուաստ պոռթկում մը խնայելու համար շրջապատին, զոր կը դիտէր, ուրիշ պահերու ալ, կէս-քուն, կէս-արթուն: Լուրջ, քնքուշ, գրեթէ հատած, հիւծային երանգով իր դէմքին վրայ բան մը կը դողդղար, լեռներու մէջ հասունցած մեծսիրտ բարութիւն մը, որ իմացական իր կաղապարին մէջ ճակատները կը յարդարէ մտաւորական կարգին վրայ ու լեռներու մարդը կ՚ընծայէ հրապուրիչ, առանց վերադիրի: Այցելուները չէին կրնար չառնուիլ անոր առքէն, որ պատմումով, ասոր մէջ զետեղուած համեստութեամբ եւ իրաւով, բայց ամէնէն աւելի խոր ապրումին, ընդարձակ տարփանքին, սիրոյ մէջ մինչեւ մահ նայումին պայմաններով էր գոյաւոր: Լեռներն ու դաշտերը դողացած էին անոր ահէն ու անոր անունը դող էր հանած սիրտերը մատաղ աղջիկներուն, ինչպէս պալատական շրջիկ կիներուն, որոնք իրենց տարփանքները կը փոխադրեն գեղերը, ագարակները, քաղաքներուն միօրինակ զզուանքէն աչք բանալու, բերան փոխելու, քիչիկ մը հովուերգութիւն ընելու եռանդով ու լերան տղաքները կþորսան գուբ հեծնող ջատուկներու մազերով, ինչպէս կ՚ախորժի հեքիաթը նկարելէ: Անիկա եղած էր պալատական տիկինի մը տարփածուն, վիպական, անկարելի պայմաններու մէջ, չվախցած անկէ, հակառակ անոր, որ տիկինին էրիկը պաշտօն ունէր զինքը սպաննելու, մտած անոր տունը ու ապրած ամիսով, մատնուելու համար տրամաթիք ձեւերու մէջ, տան սպասուհիէն, ղրկուած կուսակալութեան կեդրոնը, վրայ տալով ճամբան իր առնութիւնը, դատապարտուած մահուան - վճիռ` զոր հրաշք մը վերածեր էր հարիւր մէկ տարուան ու ատով… իմաստնացած: Բանտը կու տայ այս արիւնոտ, ջախջախ գիտութիւնը իբր պսակում մը, աւարտ մը:

-Եա ո՞վ է:

Սպան դեղնած էր, վասնզի ճիգ կ՚ընէր մտրակէն չնուաճուելու: Ազատելու համար ճնշումէն` անիկա բացաւ հեղեղը պայմանադրական, անարգող բառերուն, որոնք իշխողներուն բերանը դժոխքի դուռ մը կ՚ընեն գերիներուն գլխուն, - խոզը, շունը, անասունը, էշը, ջորին եւ կենդանաբանութեան ուրիշ միութիւնները:

Կ՚ըսէր ու չէր նայեր կիներուն:

Նոյն վարանոտ ու իմաստուն վախն էր դարձեալ, որ ուշացուց պատասխանը երիտասարդին շրթներէն: Վասնզի յիսնապետին զայրոյթը իր լրումին մէջն է: Ատիկա կը տեսնէր փորձառու երիտասարդը, որ իշխանութեան մարդերը կը ճանչնար ընդարձակ շփումով, բանտէն` ինչպէս արձակ աշխարհէն: «Սալայատակի քաջերուն» նկարագիրն է աս խորանարդումը, առանց յայտ պատճառի: Կիներու ներկայութիւն մը առհաւաբար մարդերը կ՚ընէ այսպէս անոպայ: Հայ երիտասարդը ծանօթ էր թրքութեան այս երանգին ալ, անցած ըլլալով անոնց ծեծին բոլոր ստեղներէն, ըլլալով չափած տրամագիծն ալ անոնց սրտին, նկուղներուն խորը, երբ կը կապեն քրիստոնեան եօթը չուանով ու կը տանջեն հետզհետէ ախորժելով ու վայրագնալով: Կիրքի ատեն, այդպէս ազատ, վախէ հեռու, անոնք չեն ակնածիր ոչ ոքէ:

Նոր ծեծը խնայելու համար` երիտասարդը չտուաւ հասցէ: Ոչ ոք կը համարձակէր նայիլ Սողոմին, զայն ակամայ մատնած ըլլալու վախէն թելադիր:

Դուրս` պատահածին հասողութենէն ու երիտասարդին մտածումներէն, Սողոմը չէր զգար, թէ ինչու կը մնար լուռ, հանդիսատես, թէեւ ակռաները իր վախը կը ծամէին:

Սպան հաւաքեց ինքզինքը: Անոր դէմքը դեղներ էր աստիճան մը աւելի: Գալիքին նախազգացու՞մն էր, թէ աւելի մարդկային ուրիշ զգացում մը միջամտեց սիրտերուն, որպէսզի մինչեւ այդ րոպէ համր` սեւազգեստ կինը յանկարծակի բանար լեզուն, ու բաւական տաք`

-Ինչո՞ւ կը զարնես անոր:

Որո՞ւ:

Քանի որ փակ լաչակը անտես կ՚ընէր նայուածքին ուղղիչ սլաքը, որով մեր բառերը կը զատուին ու կը ղրկուին որոշ հասցէի:

Բոլորը ապշեցան:

Լսած էին այդ ձայնը մեղմ, սրտառուչ քաղցրութեամբ, ասկէ առաջ, վանկովի, երբ կ՚այցելէր անիկա աղբօրը, երկար ատեն անխօս, յետոյ` փսփսալով: Գրեթէ լալով.

-Չհարցնե՞ս անունը:

Ու անոր բառերուն մէջ կար գորովի երանգ: Ինչո՞ւ: Մտածեցին բանտարկեալները: Բայց մեր միտքը դժուար կը կեդրոնանայ, երբ մեր առջին զգայարանքները կը քաշուին ուժգին թափերէ:

Յիսնապետը չէ՞ր տեսած սեւազգեստ կինը: Մինչ յայտնի է, որ սպաները, ամէն բանէ առաջ, տեղի մը վրայ կինը զատեն: Բայց մոռնալու չէ, որ բանտը փարախ մըն է: Դատապարտութեան այդ գառագեղներուն մէջ տէրերը չեն տեսներ գերին, ինչպէս անոր պատկանող բաները: Այցելուն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մէկ կտորը ամբողջովին, որ շղթային մէջն է ճակատագրին: Անշուշտ պառաւին բաց դէմքը ու խոշոր խորշոմները կշիռ ունէին սա զգայութեան մէջ, որով երկու կիներն ալ կը վերածուէին անտարբեր արժէքի: Տգեղ կինը ամէնէն տխուր բանն է աշխարհին, ինչպէս ամէնէն ատելին: Երիտասարդ կնոջ լաչակը, մա՛նաւանդ պարեգօտին քիչիկ մը հին յոգնութիւնը կ՚աւելնային իբր լրացուցիչ ազդակներ:

Շեշտը, յանդիմանախառն ջերմութիւնը գրգռեցին սպային սնափառութիւնը: Կը պատրաստուէր երեւալու, երբ վարէն Ալի Պապային թեւերը թնդացուցին պարտէզը:

Ծերուկը ծափ կը զարնէր, «թնդագին»` ինչպէս պիտի ըսէր 70 ի բանաստեղծ մը:

Անիկա կը վախնար ձայն ալ խառնելէ շարժումին, վասնզի պաշտօնատուններուն տնօրէնները, յոգնած իրենց ականջներովը, բողոք ունէին ընդարձակ կառոյցէն ներս ամէն ճիչի: Ատկէ զատ պատշգամին վրայ կիներ, ձեռքերնին ճակտի կիսուն` արեւը խնայելու համար բիբերնուն, ծռած էին կուրծքով դէպի վար: Հիւանդ աղջիկը վերատեսուչ փաշային նուազ զգայուն չէր: Ու ծառայի մը ձայնը անիրաւ է միշտ, երբ կ՚անցնի որոշ ծաւալէ մը: Անոնց ետեւէն սեւուհիներ, գործի, բազմեռանդն, գայթակղութեան վրայ ուրախացող ջլդիկ դէմքերով, իրար հրելով, նշանովի կանչելով, բայց զգոյշ` առաջին գիծին ալ գալու, վասնզի կ՚ուտէին ծեծը:

Խօսարանի մարդի՞կը:

-Անոնք անգէտ էին պատճառին, որ այս կիները կ՚անցընէ իրար:

Ոստիկաններ:

Սպան բերող քառեակը, հրացան ուսին, կը սպասէր հաստատ, հազիւ հետաքրքրուած դռնապանին կանչովը:

Մեր միտքին օրէնքներէն է մէկ բան ընդունիլ մէկ ճակատէ: Բայց կեանքը հազար բանէ մէկ ճակատէ: Մէկ նայուածքով մենք կը տեսնենք հազար, բայց կը տեղաւորենք մէկ: Ծեծ ուտող երիտասարդը թէ՛ կ՚ամչնայ, թէ՛ կը տառապի, թէ՛ կը զայրանայ հաւասարապէս, նոյն րոպէով: Ու երբ հոս կատարուած արագութեամբ դէպքերը կը քալեն, մարդիկ կը մնան շուար, չգիտնալով ո՛ւր ապաստանիլ: Տժգոյն երիտասարդը ձեռքը տարած էր մտրակին հետքերուն: Ցաւին սաստկութեան արդիւնք մը չէր ատիկա: Անոր սառնութիւնը դժուար էր պղտորել այսպէս արագ ծեծերով: Անիկա շատոնց փետտած էր մէջէն շատ մը ջիղեր, ու թշնամիին ածելիին տուած էր կեդրոնական ջղախուրձը: Այնպէս որ, զինքը յուզելու համար ու զբաղեցնելու` ճակատովը, անիկա ունէր իրմէն դուրս պատճառներ թերեւս: Ո՜վ գիտէ: Ճակատագրական րոպէներու մէջ մեզ կը հարուածեն անիմաստ - առերեւոյթ - շարժումներ: Օրեր վերջն է, որ կ՚անդրադառնանք անոնց դերին: Ճակտին գի՞ծը, թէ ցաւին գիծը: Բայց անիկա մտքովը հարց էր տուեր ինքն իրեն.

-Ինչո՞ւ չէր հարցուցած իր անունը:

Մենք, մահուան դիմաց ալ, սեռ ենք, մոխիր ըլլալէ րոպէ մը առաջ: Այդ կախարդական գաւով միայն կը պահուի թերեւս կեանքին շարունակութիւնը, զոր այնքան վտանգներ կը խաչաձեւեն:

Ինք հարցուցած էր անոր անունը, ահա երեք տարիէ ի վեր, երբ այդ կինը երեւցաւ սա խօսարանին, աւելի փայլուն զգեստով:

Ու խոր ճնշումով մը, ուր հինգ-վեց տարուան բանտարկութեան արճիճ զրկանքը կը թրթռար - օրեր, այդ ժամանակը ըլլալէ առաջ վերացեալ հինգը, վեցը, ու ժամե՜ր, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ բողբոջ էր դրած ամէնէն եղերական զգացումը, որուն կիսագոլ ջերմութեամբ ան կը ջանար տաքնալ տակաւին չսառած իր մասերէն -, անիկա վերստին քաշեց իրեն յիշատակը իր ահաւոր սիրադրուագին, սա ձեւով կնիկի մը ծոցէն, որ պալատներու հոտն ու համը ունէր իր մարմինին մէջ ու պահեր էր զինքը իր անկողինին` երեք-չորս ամիս:

Հիմա՞:

Սա դէմի սեւազգեստ կինը ինք գիտէ՞ր անոր անունը, ու անունը պալատական տիկինին: Բանտին պատմութիւնները ծաւալելու ինքնատիպ եղանակ ունին: Ոչ ոք կ՚ըսէ ամբողջ բան: Բայց կտորները բաւ են յաճախ, որպէսզի քիչ-շատ եղերական ու զգացական տարրերով հարուստ դրուագներ սեփականութիւնը դառնան բոլորին:

Եթէ սեւազգեստ կինը չէր խօսած այդ երիտասարդին, գիտէր սակայն, թէ անիկա տարբեր էր միւսներէն: Ասոնք ոճիրին մէջ մտած էին հաստ ճամբաներէ:

Ա՞ն:

Ու տժգոյն երիտասարդը եղաւ թերեւս, այդ իմացական հեղումին մէջէն, աւելի տժգոյն, քան սովորական իր պատկերը: Երբեմն դէմէ դէմ կը մտածենք նոյն ու մէկ բան:

Ծածկելու համար դառնալը աչքերուն - անոր գլուխը կը ծեծուէր խօլ ու վայրագ պտուտքէ մը, կրակ` բանտային չարչարանքին, որ զայն կը տապալէր գետին, երբ գտնէր զինքը ոտքի -, անցուց ափը աչքերուն իբր վարագոյր: Անոր ետին, փռուած էր դասական կիրճը: Նաւահանգիստին եւ ներքին կառավարչանիստ քաղաքիկին ընդմէջ, երկուքէն հեռու մէյ-մէկ ժամով, բայց բնական իր բերումով, բարեդե՛պ` ընդարձակ կապերու: Զայն կը բռնէին յուղկահարները, յաճախակի կապերով: Ուր անիկա դիմադրած էր միս-մինակ, կապուածներու ապշահար ամբոխին առջեւ, աւազակներու խումբի մը, պառկեցնելով չորս ասպատակ, բոլորն ալ անկանգնելի: Իրենց զէն ու զարդին ամբողջ կշիռով ու ահովը իրենց վաւերական թրքութեան (չէին ծպտուած չերքէզներու կամ ալպանացի հովիւներու տարազով, որ սիրական եղանակն էր մերձաւոր դրացնութիւնը ծածկելու), այսպէս սեւազգեստ կիներու լեղապատառ ճիչէն հազիւ գալով ինքնիրեն, - կիներ, ասոնք, մեծ մասով թուրք, որոնցմէ մէկուն համար կազմակերպուած էր սա տատանումը եւ որ, պիտի բռնաբարուէր, անարգած ըլլալուն յայրատ հրաւէրը Պրուսայի հովարտա ներու 6 պետին, լրիւ սրիկայ, երեք հեղ մարդասպան, ախտաժէտ մարմնէն ալ, ու քաղաքին հանրատուններուն ահազդու տժգոյն իշխա՜նը, որ կը սպաննէր` առանց երեւալու, ու կ՚ազատէր շղթայէն վերաքննիչ ատեանին նախագահին պաշտպանութեամբը: Օրէնքը ամէնէն տխուր ողբերգութիւնն է երկրորդական քաղաքներուն մէջ: Դատաւո՛րը` գերիվեր, քան Աստուածը: Մինչեւ հինգ անգամ մարդասպաններ, այս գազաններէն հովանաւոր, կ՚ապրին միջնադարեան ասպետի մը պէս, փրկանքի ենթարկելով հարուստները իրենց դրամէն, ու կիները` իրենից պատիւէն: Մերժում մը աղէտ է յաճախ: Քաղաքներու աւագանին ունէր այս խմորէ պայազատներ, որոնք տասնհինգը անցեալէ ետքը իրենց ասպարէզը կ՚ընտրեն` իրենց հօրենական վարկն ու դրամը գործածել այս զառիթափէն: Իրար գերազանցելու մոլուցքին մէջ` անոնք կը հնարեն անտիպ ոճիրներ, իրենց տարօրինակութեամբը աչքի զարնող: Ու կը լողան աղտին ու անարգութեան մէջ, հիւանդ ու ճիւաղ, հեռուէ հեռու հսկուած իրենց դրամովը վարձուոր հորդաներէ: Ասոնք` ամէնէն թշուառական զեռունները մարդոց, ու երեւալով ընկերութեան մէջ ոսկեզօծ ու գեղեցիկ, վայելելով բարոյական ալ մեծարանքը պաշտօնական շրջանակներուն: Չունին չփորձած ստորնութիւն եւ հպարտ են այդ առատութեան համար: Իրենց ընդդիմացող կիները անոնք գիտեն առեւանգել ու անտառային վայրագ վայելքներու մէջ կով մորթելու նման պոռացնելով սպաննել: Թուրքերը տակաւին հարիւր տարի կը տեւեն` իրենց այս առաքինութեան մէջ մնալու համար հարազատ իրենց մօտիկ անցեալին…

Երբ տժգոյն երիտասարդը վերցուց իր աչքերը, տեսածն էր, այդ լեռներէն, պատկերներէն, ասպատակներէն ու գեղանի թրքուհիներէն ետքը, սա իգադէմ ու սնամէջ սպան:

Ծանօթ իր անարգ ծագումին, հօրը հետ կապուած տգեղութեանց դրուագներովը, որոնք բրդուճ-բրդուճ կը թափանցեն ամէնէն հաստ պատերէն ալ աւելի դիւրաւ, քան արեւին լոյսը: Ան ունէր փառաւոր պիտակներ, որոնք իջած էին մինչեւ գառագեղները: Ծանօթ` հպարտանքի, անգթութեան, իշութեան ստորոգելիներով, որոնք, գոնէ մէկ-երկուքը կը ծառայէին անոր փառքին հասնելու համար այդ անասունէն դասական կաղապարը մարդուն, որ պիտի զարնէ, մղուած այդ ստորնութեան` վերադիրին իսկ ճնշումովը: Երբեմն մեր հեքիաթը մեզ կը կառավարէ ու խելօք հոգիներ արդարացնելու համար այդ հեքիաթին վերագրումները կը ծալաւորուին անոր կնիքովը:

Անիկա տղան էր ներքին քաղաքի մը աւատապետ մէկ փաշային, որ հաւանաբար հօրը կամ մօրը վրայով կրնար կապուիլ դար մը առաջուան վէզիրներուն, մեծադղորդ ստորնութիւններ, ժամանա՜ծ փառքի գերագոյն կատարներուն ու երկրաշարժով մը - թուրքերուն կայսերական պալատը աշխարհի բարոյական մեծագոյն հրաբուխներէն կը նկատուի իրաւամբ - կործանած: Հով մը երբեմն այդ քայքայումին ծուէնները կը տարտղնէ, աքսորի ձեւով, դէպի ներքին գեղերը, գիւղաքաղաքները, ուր այդ բեկորները ժամանակին փոշիովը մը մաքրուին, գոնէ անունին կառչած: 18րդ դարու աւագանին այսպէս կ՚ապրէր սուլթաններու ճոկանին ներքեւ: Ամէն եպարքոս նախքան կայսերական զինանշանը գօտեւորելը, կը գրէր իր կտակը, վասնզի իր գլուխը թշնամին էր իր դիրքին: Այդ փաշան, աւատապետ` գոնէ` բարոյական մարզէ, իր հասկցած ձեւով, կը տիրէր` ինչպէս տիրեր էին իր նախնիքները: Բարքերը կրնային փոխուիլ: Անիկա յարմարած էր ժամանակին ու քշած իր փառքը, Ղրկեր էր տղան կուսակալութեան կեդրոնը, զինուորութիւնը անցընելու ու հետն էր դրած կարծես իր աւանդութիւնները եւ ստորոգելիներու երամը: Չէ կարելի արագ տողերու մէջ տալ մարդը, որ այդ գիծէ սպաներուն ներսը կ՚ապրի տաղաւարուած պապենական մոլութեանց բոլոր հնաբոյր դրօշներով եւ լուսաւորուած արդի կենցաղին աժան վայելքներովը, կիներէ եւ կոպտութենէ, քրիստոնեային վրայ գործադրուած բարբարոսական վերանորոգումով: Անոնք իրենց գաւառակներուն նետուած բոլոր արձակութիւնները կը քառակուսեն, ու կը մնան կառչած տիրելու, իշխելու իրենց բնազդին, քանի որ հօրենական կալուածներու վրայ անոնց կամքը անդիմամարտ կը տարածուի, ըսել կ՚ուզեմ` այդ կալուածները արժեւորող խեղճուկ արարածներուն քամակին, մարդեր` որոնք դասական գերիներէն կը տարբերին տառապանքի մէջ աւելի ուժգին ընկալչութեամբ մը ու իրենց տէրերուն հանդէպ կորովի ու ակնածանքի բարոյական զգայարանքովը: Այդ սպաներուն վրայ` պատմութիւնը, անշուշտ անոնց դիւցազնական, օսմանեան պատմութիւնը, երկրաչափութիւնը, գծագիտութիւնը ու չսորվըւած քիմիա ն ջնարակէն անդին չեն անցնիր ու չեն փոփոխեր երբեք կրծոսկրին մէջ վանդակուած գազանը: Պիտի իջնեն, այսպէս պարապնդուած, գործողութեան կրկէսը, թուրք քաջարի բանակը Վիեննայէն ալ անդին առաջնորդելու աննուաճ ուխտով: Ու կը հաւատան իրենց հաւատքին, երբ զինուորներուն կու տան աղաղակել`

Ետ առնել կրկին թշնամիներէն

Մեր տեղերը հին…

Քաղաքապահ բանակի սպան տարբեր արարած մըն է: Անիկա երկու կեանքերն ալ կը մէկտեղէ իր ծառայութեան շրջանին, իր վրայ: Սպասարկութեան օրերէն դուրս կը հագնի քաղքենի տարազ: Այն ատեն անիկա կատարեալ հովարտա մըն է: Այս վարժութիւնները պատճառ են գուցէ, որպէսզի գործօն ծառայութեան պահերուն սպաները պաշտօնական նիւթերէ դուրս չարտօնուին բան կրելու: Բայց հակառակ կարգապահական այս արգելքին` անիկա չէր կրնար բաժնուիլ իր մտրակէն, զոր կը կրէր իբր մարմինին մէկ անդամը, պաշտօնական շրջանակներու մէջ միայն զիջելով զայն տեղաւորել մոյկերուն խորը: Անոր մոլութիւնն էր ձեռք նետել անոր, տեղի կամ անտեղի, թերի կամ ամբողջ, ու գործածել զայն ամէնուն վրայ, բայց տաղանդով ու անվրէպ` հայերուն գլխուն: Ի՞նչ էր հետապնդուած գոհունակութիւնը այս անոպայ խորութեան մէջ, երբ բանտ ինկող եղկելիները արդէն արգահատանք միայն կարող էին հրաւիրել: Գուցէ առհաւական ըլլայ այս ծարաւը այդ ժողովուրդին համար: Առանց բռնութեանց` ուժը ըմբռնելի չէ թուրք զինուորականին, ինչպէս ըմբռնելի չէ նոյն բանը, առանց արհամարհանքի` անգլիացի սպայէն:

Վերնադիր պատշգամէն աղաղա՛կ մը, որ, հովէն արգիլուած` չկրցաւ իբրեւ բառ հասնիլ խօսարան: Բայց փշրանքները շահագրգռեցին բանտարկեալները: Սպան չլսեց, վասնզի զբաղած էր մօտի սեւազգեստ ձեւով, որուն անակնկալ ու քիչ մը բարկ միջամտութիւնը խորապէս վրդովեր էր զինքը:

Ո՞վ` սա սեւազգեստ թրքուհին: Ուրկէ՞ անոր հետաքրքրութիւնը անհաւատի մը, մա՛նաւանդ հայու մը կտորով: Չափեց նայուածքը, բայց կշիռը պարտկելի չէր, վասնզի կոպերու խաղը մարդոց արժէքը կը յայտնէ յաճախ: Անիկա դեղնեցաւ ալ, գեղացիի իր առատ արիւնէն, որ խուժեր էր ներս: Անցեր էր մտքէն փրցնել լաչակը երեսէն, ունենալու համար մորթին կտաւը գոնէ: Ու չէր կրնար ճշդել, թէ ի՛նչ կար իբր կապ իր զայրագնումին ու սա գոց դէմքին խորհուրդին մէջտեղը: Կինե՞րը: Ինչո՞ւ կը միջամտեր արուի մը դէմ, արուի մը համար:

Պատշգամէն նոյն աղաղակը, նոյն պայմաններուն մէջ: Որուն յաջորդեց երկիւղալից լռութիւն, տպաւորիչ, որպէսզի սպան ալ դարձնէր գլուխը ու նայիլ առնէր: Ալի Պապային մեծաշռինդ ծափերը այս դժնդակ պահին վրայ անգիտակցաբար կը նետէին զուարթ նոթ մը:

Սեւազգեստ կինը, բաց ձեռքին կը ճմռէր թաշկինակը, ջղային յայտ տագնապի մը նշան, ինչպէս դիտած էին բանտարկեալները, խոր փղձկումը կանխող այդ շարժումներէն: Կու լար, կամ պիտի լար անիկա հեծեծագին, աղբօրը կուշտին, մա՛նաւանդ` երբ պզտիկները ըլլային միասին ու պիտի հարցնէր մարդասպանին.

-Ինչո՞ւ, աղբարիկս, ինչո՞ւ ըրիր:

Թաշկինակին հետ միւս ձեռքը` մօրը ուսին, որ կը տպաւորէր իբր անգոյ մարմինէ մը կտրուած ու հոդ դրուած բանի մը նման, ճերմակ այնքան` խիստ սեւէն բխող: Բանտարկեալները կը ճանչնային այդ դալկութեան լծորդ հոգեկան նուաղումը: Սպա՞ն: Հաշտեցո՞ւց մորթի սա մաքրութիւնը դէմքի ալ դաշնաւորութեան: Անոր միտքը, այս վարանքին մէջ, կը ջանար մօտենալ պատկերին իմաստին: Հարցնել` ո՞վը, ի՞նչը, կա՞պը` որ զայն քաշեր-բերեր էր հոս: Արգիլուեցաւ սակայն: Վասնզի պատշգամէն նոյն կնոջ աղաղակը հասած էր ներս, բաւական յստակ.

-Ի՞նչ է անունը այդ վայրենիին:

Մեծ խմբաւորութեանց մէջ անհատները ենթակայ են ձեւազերծման ու կը միտին ծանրանալու: Անոնք իբր դէմք սեւեռուելէ աւելի` իբր թիւ կշիռ կ՚ունենան:

Վերատեսուչ փաշային, քոմանտան փաշային սարայլը կինն էր պոռացողը:

Չհասկցան ով էր վայրենին: Այս ապրանքէն խիստ շատ` այդ երկաթեայ քաղաքին մէջ: Ո՞վ չէր ատիկա, սկսեալ բանտուածներէն մինչեւ անոնց կարգապահութիւնը վարող փաշաները, որոնք կեանքը կ՚ընդունէին զսպումի կրկէս ու իբր այդ կազմած էին իրենց միսերը, մա՛նաւանդ անոնց ներսի ճամբաները, - ջիղերը: Վայրենի` շատ: Բոլոր մարդ մորթողները, ի պաշտօնէ կամ անպաշտօն: Անոնց մտքէն չանցաւ հայը, որուն համար կը քալէր այս փակագիծ դրուագը:

Անոնք անցան իրար:

Նետուած էին ոտքի:

Ու մի մոռնաք, կինը կին է, աւա՜ղ, նոյնիսկ իր ձայնէն: Ու բանտը` այն անապատը, ուր ովասիս է այդ կենդանին:

Պատշգամը` պարապ: Երբեմն հարիւր մեթր խորանարդ միջոց, որ մեզի համար կեդրոն կը դառնայ, «աշխարհասասան»` ինչպէս կը գրեն միամիտ մեր պատմիչները, քաղաքի մը կործանումը պատմած ատեննին:

Սա աղմուկը, երթեւեկը, յուզումը սպասցուցին միւս աղաղակը, ոչ-նուազ ծանօթ ու արտայայտիչ, - հազը` քոմանտան փաշային, վանդակն ի վար, կէս օխանոց խիւսի մը չափ հաստկեկ իր խուխովը, որուն պիտի հետեւէին հայհոյութեան տակառաչափերը, իրենց թանձրութեամբ ու լրբութեամբ ստուեր ածող բանտին ամէնէն եղկելի, անպատասխանատու լեզուներուն, խեղճ միսի կտորներ ասոնք, աշխարհը ծեծելու, անկէ վրէժ առնելու ուրիշ գործիք չունեցող:

Չեկաւ սակայն: Փաշաները քմահաճ կ՚ըլլան, ինչպէս բոլոր մեծութիւնները սա աշխարհին: Փոխարէն` տիկինը: Պարպուած` անունին կապուող պատմութիւններէն: Երբեմն մենք կը տեսնենք մշուշի մէջէն ուրիշները: Տիկինը, իր ձայնին ամբողջ խստութեամբը:

Որմէ, կրկնուած հարցականը, աւելի քան անլոյծ.

-Ո՞վ` այդ վայրենին:

Որ եռակի իր նորոգումովը ծանր կշռող վերագրում մը դարձաւ: Կիները զուր չեն նախատեր:

Ոսկեզօծ ուսնոցներով, բայց հաստ մտրակով սպա՞ն, որուն անգթութիւնը թուրքն ալ կը ճանչնար: Տարիներով ընկեր հայը` որուն ձայնը դուդուկն ալ չէր լսեր, բայց իր ազգին դժբախտութեամբ կրնար զարնուիլ: Քոմիթան ու պոմպան պարզ սուտեր չէին այդ օրերուն, այլ` այդ պարզամիտ ուղեղներուն համար` հնարաւոր չարիք: Հայրենիքը, զինուորին համար յուռութք ըլլալէ առաջ` խմբագիրներուն ու ամբոխավարներուն համար կարմիր դրօշակ է, ցուլին աչքերուն խաղցուած: Ո՜վ գիտէ: Անոնք լսած էին այդ քոմիթէն: Ու տեսած երկու ալ նմոյշ, իրենց պէս խեղճ մարդեր: Նորե՞կը: Ու ատով` չորս հայերը: Բանտն ալ կը մտածէ:

Անոնք ընդհատուեցան:

Զինուոր մը ելած էր սանդուխէն, մտած խօսարան, ոտքերը աղմուկով մէկտեղած, ինքզինքը դրած պաշտօնական կաղապարին ու բարեւած: Յետոյ` անշարժ, կամաց, հաղորդած քոմանտան փաշային հրամանը:

-Պէյը վեր կ՚ուզուէր:

Թուղթը ծալելն իսկ մոռցած` տեղակալ Աքիֆ պէյը հետեւեցաւ զինուորին, զայն ձգելով, ինչպէս պարտաւոր են քալել ստորադասները մեծերու հետ:

Անիկա մոռցած էր հրահանգել իր բերած քառեակը, որ մնաց սպասման նոյն կէտին:

Բանտարկեալները շունչ առին: Ճնշումը կը վերնար: Սեւազգեստ կինը աւելցուց.

-Աստուծմէ՛ գտնես:

Պահակ ոստիկանները չուզեցին լսել այս նախատինքը:

Անո՞նք ալ կ՚ատէին անոպայ արարածը, թէ կ՚ախորժէին քնքուշ այդ ձեւէն, որուն ձեռքէն երբեմն իրենց կը տրուէր վայելքը սիկարի մը, կամ դէմքէն` քաղցր հատնումի սրտառուչ պատկեր մը: Կան պահեր, երբ կինը դուրս է սեռէն, իրաւ է, թէ խիստ ցանցառ են ատոնք:

Նոյն րոպէին սպասուհիներ, պատշգամին վրայ, սեւ ու ճերմակ: Բուսաւ ծանօթ գահաւորակն ալ, որով արեւի կ՚ելլէր քոմանտան փաշային հիւանդ աղջիկը: Անիկա գեղակերտ այդ գահոյքը կը մօտեցնէր եզրավանդակին, կը դնէր անուշիկ ձեռքը բազրիքին, ափն ալ տարած տկար իր գլխուն, զայն կանգուն պահելու համար մշտական հակումին: Անդարման անարիւնութիւն մը զայն գամեր էր սա գահաւորակին, արբունքէն ի վեր: Ո՛չ Պոլիսն էր մնացեր, ոչ ալ Վիեննան: Դէմքը` գուշակելի, ու հետեւաբար` գեղեցիկ, ինչպէս են ըլլալու ցանկալի մեր երազները, հեռաւորութեան շղարշէ մը հովանաւոր: Զայն մօտէն տեսնողներ կը խօսէին այլ կերպ, այդ անդամալուծումին մէջ ճանչնալով արդար պատուհասում մը հօրը կոպտութեան ու մօրը թեթեւութեան:

Սողո՞մը: Ի՜նչ քիչ էր իր տեղը այս ամէնուն մէջ: Անոր ձայնին քաղցրութիւնը մոռցուած կը թուէր ու մարդիկ անտարբեր էին իրմով, կը նայէր անյագ, քիչիկ մը վախով, մօտիկ տիկինին ու անոր անփորձութիւնը, գրեթէ պատանութիւնը կը տառապէր ինքզինքը մատնելէ: Տարօրէն քաղցր ու մտերիմ զգայութիւնները կը քալէին իր ջիղերէն ու ինք մէջն էր հին վիճակներու, այդպէս առնուած` բանի մը ուժէն, զոր չէր տեսներ երբ կը դառնար Նալպանտենց տունին շուրջը, ոճիրէն առաջ:

Երբեմն-երբեմն կը վերցնէր աչքը պատշգամին, հոն շինուող ու աւրուող պատկերներու յաջորդումը գտնելով շահեկան, բայց անհաս` իր ուղեղին: Ինք բոլորովին նոր մը, անծանօթ էր շէնքին, փաշաներուն, անոնց ախտաւոր ալ աղջիկներուն:

Սպային հեռացումը ու պատշգամին իրարանցումին աճումը կապ ունէի՞ն իրարու հետ: Սողոմը կը վախնար հարցումէն: Տեսակ մը մեղաւոր, վատ բան իր մէջը տխրած էր կարծես: Ինչու՞ չէր տուած իր անունը: Ու չէր կրնար աչքը ամրացնել կապոյտ օձիքին, որ հայ երիտասարդին դէմքը կը կիսէր, մտրակին ձեւուած:

Գոնէ խօսէին կինե՜րը:

Երեւցաւ ծե՜ր մը:

Թշուառական, ուռած մարմինով: Հա՞յր մը, թէ մեծ-հայր մը:

Որ տքալով բարձրացաւ սանդուխները:

Անիկա, փայտին ուժ տալով` դրաւ իր կոտրտած մարմինը փայտ նստարանին: Խորտակուած այդ պատկերը արթնցուց որոշ չափով հետաքրքրութիւն: Դուրսէն կու գար: Ու հետը կը բերէր ապահովաբար մէկ մասնիկը գոնէ անպարագիծ այդ դուրսին: Բոլորուեցան շուրջը:

Եկեր էր զաւկին: Երեսունէն վար տղայ մը, նման միւսներուն, քերծուած գլուխ, ու տժգոյն երես:

Ծերունին հիւանդ էր: Զինուորական վերարկուն, աղտէն գունաթափ, ճանաչելի չէր այսքան տարի ետքը: Պաշտօնական կոճակներուն պակասը ու անդարման ծերութիւնը պատիժէ կը զերծէին զայն կրողը: Դողացող մատներով անիկա շրջեց իր գրպանին պարունակութիւնը: Չէր կրնար մատներով ափ կազմել: Պիստակ, լէպլէպի, շաքար ու շագանակ, - ամէնէն սիրած պտուղները հիմկու մարդասպանին անդրագոյն պատկերին, երբ, տասնամեայ մանուկ, կը պտըտէր առոյգ հօրը հետ պալատին առջեւ, ու պտուղ կ՚ուզէր:

Նստաւ: Այսինքն` հանգչեցուց կուշտին գաւազանը: Այդ ուշադրութիւնը ինքնին բաւ էր տալու սրտառուչ իր վախը կեանքէն: Ձեր ոտքերուն վրայ հպարտ եղողներ, խորհեցէք, օրուան, ուր այդ ոսկորները պիտի կակուղնան, փխրուն ու ծակ-ծակ, ու պիտի ստիպեն ձեզ փայտին դառնալ:

Անոր նայուածքը, վեհափառ անշուշտ, բայց ուռած կոպերէն, ցաւոտ ու տժգոյն իր պղտոր պտոյտը կ՚ընէր գլուխէ գլուխ, դնելու համար ծանօթ նկարները, վախնալով մահուան այս քաղաքին անակնկալներէն: Իր տղուն ընկերները կը սիրէր իր զաւկին չափ: Ու այս զգացումը ծանր էր անոր խորտակուած սրտին: Միս-մինա՛կ, կեանք ըսուած ահեղ տառապանքին դէմ: Թաղած շատոնց կնիկը, աղջիկները, երկու մանչերը: Ու թաղած մէկ հատիկն ալ սա ստուերներուն: Կ՚ապրէր, հասունացող վէրքի մը պէս, առանց մուրալու: Ու կ՚ապրէր փատիշահին գութին յուսալից: Անոր նայուածքը կեցաւ, երկար` Սողոմին վրայ:

-Բարի ես եկեր, տղա՛ս:

Մարդ զնտանն ալ գալու էր բարիքով, ինչպէս կը պատգամէր ծերունին, որ մրջիւնին վրայ չէր կոխած, յարգած` բոլոր պատուիրանները, չծեծած իր կնիկը, իր քրտինքովը հացը հանած դարբինի իր խանութէն ու տաճիկ չէր կրցած ըլլալ, հակառակ եօթը հեղ կրակը մտած ըլլալուն, պատերազմի դաշտին վրայ իսկ մնալով երկաթագործ մարդը, որ խոփ ու մանգաղ կը շինէ եւ պապերէն տեսած բարիքի պատկերները կը պահէ անաղարտ: Չունէր հաճիի փաթթոցը: Փոխարէն, վերարկուին տակ` իր պատուանշանները, թիւով երկուք, որոնք կը պսակէին իր կորովը, ձիւնին յաղթող իր ջերմութիւնը, երբ ձիւնամրրիկի մը պահուն` մահը աչքն առած հաց էր հասցուցեր առաջապահներուն: Մարդկային կեա՜նք, ի՜նչ հերոսութիւններ կը շինեն քեզ երբեմն: Ու ի՜նչ հնամաշ բաներով կը ծածկես դուն մարդոց ողբերգութիւնը:

Սողոմը չհասկցաւ: Ծերունին թոթով էր քիչ մը: Ուռած կոկորդէն բառերը կ՚իյնային ուռած ու ջուրոտ:

Հայ երիտասարդը փորձեց անոր ուշադրութիւնը դարձնել դէպի ծերուկը, բայց չեղաւ միջոց: Զինուոր մը, նոյն կնքաւոր թուղթը ձեռքին, որ պահ մը փայլեր էր հեռացող սպային զայն ափէն, մտաւ խօսարան ու կարդաց.

Սուղում օղլու Սուղում:

-Ա՛ն է:

Ցոյց տուողն էր սեւազգեստ կինը:

Բանտարկեալները հինգ-վեց տարիէ ի վեր վարժուեր էին չարագուշակ պատահմունքներու: Խօսարանէն կանչուածները ա՛լ չէին դառնար: Ատկէ զատ, նկուղը, իր ճակտին արձանագրուած պատգամովը, ապահովութիւն մըն էր: Աւելի ետքը, իր անունէն ուզուած ամէն հայու սիրտ րոպէ մը կը կենար կարծես, երբ թուրքերը հնարեցին սէվգըյաթ բառը, բանտերէն ներս:

-Քալէ՛:

Սողոմը, վարանոտ, բայց ոչ-վախկոտ, ելաւ նստարանէն: Չնայեցաւ հայ երիտասարդին, ընկերներուն: Քալեց: Տաքցաւ սաստիկ, երբ քսուելու չափ մօտիկէն անցաւ սեւազգեստ ձեւին: Դառնութի՞ւն: Չէր ատիկա: Անոր շղթան աղմուկով կը ծեծէր սանդուխին աչքերը, նեղելու չափ ոստիկան-զինուորներուն փափկասուն ականջները: Վասնզի անոնցմէ մէկը պոռաց.

-Հաւաքէ՛ գօտիդ:

Սողոմը չէր հասկնար:

Իջաւ սալարկը:

Հոն սպասող զինուոր մը, ոտքով կեցուց անոր քայլը: Այդ շարժումը աքացիի չէր վերածուած` պատշգամին հաւաքուող ձեւերուն համար: Ու անցուց երկաթ շղթային աւելորդ աղեղը անոր արմուկին: Գօտի՜ն: Ցաւեցաւ անոր հոգին: Սամիկ Սամունին մէկ բառը յիշեց, որ լսած էր ատենին, բայց չէր միտք պահած:

-Մեղքը երկաթ գօտի է, տղա՛ս:

Երկաթ գօտի՜:

Զինուորները ձգեցին զայն առջեւնին: Ճամբա՞ն: Շեղեցաւ քովնտի: Բանտարկեալները կրցան տեսնել այդ աղեղումն ալ: Ուրե՞մն:

-Մոխիրնո՛ցը:

Այսպէս մտածեց ու տարազեց խօսարանի դուռը պահպանող ոստիկանը: Բանտին այս մասին անունն էր ատիկա, տեսակ մը մեծ բակ, ուր կ՚ընդունէին գեղերէ ու գաւառակներէ օրական առաքումները, դասաւորուելու համար` համաձայն իրենց թուղթերուն, որոնք յաճախ կը կաղային, մնալով դիւանէ դիւան, գեղէն` գիւղաքաղաք անկէ` գաւառակ, անկէ` կեդրոն իրենց ճամբուն վրայ ենթարկուելով թրքական վարչաձեւին, - կամաց-կամաց ին

Մէկը դիտել տուաւ:

-Մէր մէջ չէր անոր տեղը:

«Մեր մէջ»ը կ՚ելլէր բերանէն միջահասակ ու տարօրէն անասուն յիշեցնող մէկու մը, որ բառ չէր հանած շրթներէն, բարակցած միսի կտորներ, չխօսելէն այդպէս գօսացող: Ոչ ալ ծխած չունենալուն, ամբողջ տեսարանի ընթացքին: Անոր արտայայտութիւնը մօտ էր քարէ, փայտէ շինուած հաստ արձաններուն, առարկայութեան: Դիւրին չէր անոր մէջ ենթադրել անուշ ու համակրելի այն բանը, որ ամէնէն շնորհազուրկ դէմքն ալ կը ջերմացնէ ու մեզի կ՚ընէ մօտիկ: Կը թուէր ինքզինքը մոռցած ու յոգնակի իր առումին մէջ, այդքան թանձրութեամբ անասնութեամբ արժէքը կու տար անյոյս ու գորշ այն բանին, որ ցկեանս բանտարկութիւնն է, անդարձ կնիքով մը: Չունէր անիկա ոչ մէկ հեռանկար, դիմումէ, շնորհէ, բախտէ, ըլլալով բոլորէն ուրացուած գրաստը: Չունէր իր գեղէն իրեն այցելու, ոչ ոք սիրելուն, ոչ ոքի մէջ պուտ մը զգացում արթնցնել կրնալուն: Ամէնէն աւելի կ՚ատէր զինքը իր մայրը ու շշուկներ, միշտ կասկածելի, ատոր զսպանակ կը դնէին չըսուելիք պղծութիւն: Բամբասանքը անխիղճ է: Ու լաւ է անկէ կասկածիլ ու անասունն անգամ խնայել ջանալ: Չունէր տրտմութիւն, քանի որ այս բառը իրենց հականիշ ունի վայելքը, մարդկօրէն կարելի համերու հանդէս մը ու ատոնցմէ զրկուիլ մըն ալ նոյն ատեն:

Անոր բերանէն այդ «մենք»ը անանուն ու անվարան դժբախտութիւնն էր, ուրիշ բան չեղած տախտապարումը ապրելու շնորհին, քանի որ ատիկա ալ իրական է նոյնքան, որքան առաջինը: Սա հողագունտին վրայ հարիւրին ո՞ր տոկոսը կ՚իյնայ երկրորդ փարախին: Որո՞նք են այն երջանիկները, կանչուած հոգեկան խաղաղութեան, փոքր ցաւերու գօտիէ մը շրջափակ, որոնք խնայեն պիտի, ու սպասեն վախճանին, տապալելու համար քնքուշ բխումէն, որ հաւասարակշիռ կեանքն է մենէ քիչերուն: Ան միւսնե՜րը: Հազար հազարներ մէկ մագիլէն միւսը նետուած` տանջանքին, աքցանուած` սեռին ու հացին անողոք ժանիքովը ու գերի երկուքին ալ, նոյն աստղին ներքեւ: Այո՜: այս է կեանքը: Ու այս է անոր կենդանակերպը, մարդոց ստուարագոյն մասին:

Անոր մէջ պատիւ, պատուհաս, արդարութիւն, անդենական ու ուրիշ այս գիծէ միութիւններ անհաս պատգամներ իսկ չէին: Չէր կրցած օր մը գոնէ զգածուիլ ծեծէ կամ սաստէ: Թանձր, ծայր աստիճան պակաս ուղեղով ոճրագործ մըն էր, որ չէր յաջողած մինչեւ հարիւր համրանքն իսկ սորվիլ, գրեթէ շատ մօտիկ` ծնունդով ապուշներուն: Այս թերութիւնները կը սնանէին ալքոլով ու գողութեան գին երէներով: Պատանի` արդէն պիտակուած էր պատշաճ վերադիրով, որ խելքը պակասները կը տաղաւարէ ժողովրդային դատաստանումով: Յետոյ` հասարակ խման: Վախկոտ, թոյլ, նախատուած բոլորէն: Որ առիւծ կը դառնար, երբ ըլլար խմած: Ձրի աշխատող քրիստոնեայ թաղերու եւ գեղերու մէջ, գոհանալով բաժակ մը գինիով: Գող` ինչպէս ուրիշներն են կօշկակար, առանց նկատումի, երբեմն ալ պէտքի: Թռցուցեր էր սպայի մը գրպանէն ատրճանակը, անասելի պայմաններու մէջ, բաղնիքէն դուրս, ու անոր նուէրը գործածած օղիի: Այդ օրն էր, որ խենթ, խանդավառ, գլուխը ամպի պէս մութցնելէ ետքը, պարպած էր վեցհարուածեանը հանդիպողին, մահը պատճառելով երկու երիտասարդի ու վիրաւորելով երկու ուրիշներ: Կապած էին փամփուշտներուն սպառումէն յետոյ, կոտրտած կողերը, նետած թաղապետական աղբակառք մը ու քշած բանտ: Զայն անբանացնող սպան ազատեց ինքզինքը, իր փաստաբանին միջոցով հակասութիւններ հաստատելով հարցաքննութեան մէջ մարդուն, որ անգամ մը ըսածը յիշելու չափ խելք չէր ունեցած: Դատապարտեցին անասունը մահուան: Ազատեցաւ անկէ ներման արժանի ցուցակի մը մէջ, պակսող տողը կազմելուն: Կը ծառայէր նկուղին, ու կը ստանար ծխախոտ ու շորեղէն: Ոչ ոքի կը վնասէր իր թանձրութիւնը: Երազ իսկ չունէր միւսներուն պէս: Սովոր էր ականջ կախել ամէն ըսուածի ու չհասկնալ, այսինքն` չորս անգամ կրկնումէ յետոյ գործադրել պահանջուածը: Շաբաթը անգամ մը կը բանար բերանը, ան ալ քանի մը բառի համար: Այսօր խօսած էր, պատգամի մը պէս:

Տէրը առարկե՞ց, թէ բացուիլ կ՚ուզէր:

-Շատ ալ պզտիկ է:

Ակնարկութիւնը նկատի ունէր մեկնողը, որուն պակասը չես գիտեր ինչո՛ւ զգացին մէկէն բոլորն ալ:

-Սիրտին նայէ դուն:

Պառաւին տղեկն էր:

-Ի՜նչ անուշ էր ձայնը:

-Որո՞ւ, տղաս:

-Գացողին:

Պատասխանողն էր ծերուկին տղան: Գրեթէ հիւանդ: Ամսէ ամիս կը քաշուէր միսերէն, զգալի կերպով: Կը հազար ու կը քնանար, շարժելու անյօժար ու տժգոյն: Բանտին մէջ հիւանդութիւնը մահուամբ կը սկսի:

Հետաքրքիր` ինչպէս է ըլլալ պարտքը բոլոր պառաւներուն, կինը յօնքերը լարեց:

-Ի՞նչ է մեղքը:

-Յայտնի չէ շատ:

Կը հաւատա՞ր ըսողը:

Ուրիշ մը աւելցուց.

-Կ՚ըսեն, թէ երկու հոգի է վառած:

-Վա՛խ, վա՜խ…

Որո՞ւ կը մեղքնար պառաւը, Սողոմի՞ն` որ իր մեղքովը արդէն այրուած կը դատուէր, թէ անոր ձեռքովը ածխացած այդ հոգիներուն: Ու քաջարի կինը չէր մտածեր, այդ րոպէին, անոնց հայ ըլլալուն:

Ծուխով ծանրացած, բայց տուն յիշեցնող քաղցրութիւն եղաւ խօսարանին մէջ, երբ ոճիրին ու մահուան տրտում ալիքը օդին մէջ կը ծաւալէր: Կու գայ պահը, երբ հասարակաց զգայութիւններէն կը զատուինք ու կը քշուինք մեր ներքին տունը, հո՛ն` ուր մենք մեզի ըլլալէն չենք ամչնար: Ծուարած, բայց գոհ` վասնզի մարդոց դուրսի աչքը չի հասնիր մինչեւ այդ խորշերը: Բանտարկեալները իրենց սեփական նուաստութիւնը աւելորդ անգամ մըն ալ կշռեցին արգահատող պառաւին շրթներէն: Քանի՜-քանի՜ «վա՜խ»եր, ոչ թէ նման չորցած ու ծուռ բերաններէ, այլ` տղու որբ ինկող տղոց արցունքներէն: Ամէն ոճրագործ աշխարհ մը ցաւ կը ձգէր ետին: Իր պարագանե՞րը: Անշո՛ւշտ: Բայց աւելի խոր կսկիծով` պարագանե՜րը ինկողներուն:

Սեւազգեստ կինը կը թուէր լաչակին տակ թաշկինակով բան մը սրբել: Բայց անխօս: Անիկա այս տագնապին պիտի մօտենար բաժանման րոպէներուն: Մինչեւ այդ պահը զաւկըներէն քիչ խօսող տղան կը թուլնար հետզհետէ, թուլցնելով անոպայ սիրտերը: Տառապանք մը աւելի` այս տկարացումը, մօրը համար, ինչպէս ընկերներուն: Թիւ տասներկու նկուղը այս տեսարանը դժուար կը հանդուրժէր դիւրայոյզ մարդէն: Քանի՜-քանի՜ անգամներ յանդիմաներ էին զինքը այս «կնիկի վայլող» վարմունքին համար: Կը զարմանար անիկա իր լացէն աւելի դէմիններուն սիրտէն: Դիւրին էր մեղադրելը, բայց դժուար, աւա՜ղ, հայր ըլլալը, ու պակսիլը` անոնց գլխէն, ձգելով զանոնք աշխարհի թուքին ու մուրին: Կ՚ընդունէր ընկերներուն կծու բառերը ու կը նայէր ներս, հոգիէն, ուր այդ տղոցը պատկերը զոյգ կոկոնով ծաղիկի մը պէս կ՚աճէր, բայց չէր բացուեր: Անիկա ներող էր ու բարի:

Տակաւին խօսք դարձաւ մոխիրնոցին գէշ պայմաններուն վրայ: Այդ յարկաբաժինին մէջ էր մեծ ու անթափանց պատերով տանջարանը, որ խուլ էր շինուած ու կը ծծէր իր գէջ երեսին աղաղակն ու գոռում-գոչումը` ծեծի կամ տանջանքի քաշուածներուն, խօսք դարձաւ քոմանտան փաշային փոքր աղջկան, որ նախատեր էր տեղակալ Աքիֆ պէյը անողորմ ծեծերուն համար ու հիմա հաշիւ ունէր տալիք հայուն մտրակէն:

Ժամանակը, մա՛նաւանդ չափուածը, դար ալ ըլլայ, կը հատնի կարծուածէն շուտ: Երկու ժա՜մ: Մօտ էր վախճանը: Արեւը քաշուեր էր վերնայարկերը ու գետիններէն զովը զգալի:

Մինչեւ պայմանաժամին աւարտումը, թիւ տասներկու նկուղը չունեցաւ ուրիշ այցելու:

Ալի Պապան թթուած էր ու կոշտ, ծուռ-մուռ չափելով «մայրն ու աղջիկը», որոնց սիֆթահ ը 7 նոր չէր, որ կը ճանչնար: Օդը երաշտ էր, ինչպէս եղած էր այնքան անգամներ, երբ կը սկսէր այդ ձախորդ այցուորներով:

Ոստիկանը, մեծ արարողութեամբ, հանեց ծոցի գրպանէն, որ փորուած էր յատկապէս ատոր իբր պահարան, մեծ ժամացոյց մը: Նախ քան բանալը` սրբեց կափարիչը ժաքէթին թեւին - իր վարժութիւնն էր ատիկա -, կոխեց զսպանակին, մեծ գոհունակութեամբ աչքը պտըտցնելով չորս դին ու աւելցուց.

-Հինգ վայրկեան:

Լռեց: Ու հանումէն գերազանց արարողութիւն էր զետեղումը ժամացոյցին, իր պահարանին մէջ: Մեր մեծագարութիւնները մեր երջանկութիւնները եղան յաճախ, մեր յիմարութեանց վերածուելէն առաջ:

-Ելէ՛ք:

Մէկ քանիները, այս աճապարոտները, որոնք ձանձրոյթով կու գային սա ցուցադրումին: Բանտերու բարքերուն մաս կը կազմէր օտար, եւրոպացի շրջիկներու կողմէ դիտուիլ, լուսանկարուիլ, շաքարուիլ: Կիներ` մեծ մասը այդ այցուորներուն, բաց երեսներով տարօրէն խռովիչ, որոնք կը նայէին իրենց, վանդակէն դուրս քիչ մը վախկոտ ապահովութեան մէջ, ինչպէս կ՚ըլլայ ասիկա, երբ առիւծներու գառագեղի մը մօտը կենանք: Վայրագ ակնարկներով կը նայէին շարժական գործիքին ու կը քերէին իրենց գլուխին բոլորովին լերկ մասը, կարծես ազդելու համար խուլ կսկծանքին, որ անոնց ողնուղեղը կը խոցոտէր, կը կրծոտէր թարմ միսի հոտ առած գազանները յիշեցնող մռլտուքի մը նման, պղտորելով անոնց զգայութիւնները: Եղած էին տղաք, որոնք հանած էին իրենց ձեռքերը դուրս ձողերէն ու բռնած բզկտող մագիլներով երիտասարդ կնոջ մը մինինիկ անձը: Տեսարա՞ն: Անշու՛շտ: Հարիւր մէկ տարին մարդը աւելի մութ կ՚ընէ գազանէն: Անոնք մեծ փափաք ունէին վայրկեան առաջ դառնալ մութին պատեանին: Բացի այս աւելորդ զարդարանքէն, զոր քոմանտան փաշային աղջիկը իր խոհուն, կարեկցուն աչքերովը կը ստեղծէր այդ սեռով խելագար հիւանդներուն մէջ, կար ուրիշ աւելի ընդհանուր պատճառ մը, բանտային իմաստասիրութիւնը: - Երկու ժամը որքա՜ն քիչ բան է եօթն անգամ քսանչորսին մէջ:

Ծերունին կը տքար: Սիրտը կը ցաւէր, տարիքէն` որքան խռովքէն: Ուշ էր հասած: Կանուխ մեկնումը մեզ կը յուզէ աւելորդ չափով: Սեւազգեստ կինը, կամացուկ, եւ զգոյշ, թաշկինակը ձգեց աղբօրը: Մօրմէն չտեսնուելու այդ ճիգը յետոյ նկուղ դարձին ժողովը պիտի ջանար բացատրել: Չէր կարելի մարդոց բոլոր կարծիքները պարզել ուրիշին: Արդար էր սակայն հետաքրքրուիլ, թէ ի՜նչ գնով խնայուած էին այն քանի մը ղրուշները որոնք կը հանգուցէր մանկամարդ կինը այդ լաթին մէկ պոչին: Պէտք չէ մօտենալ կիներու սիրտին կամ մեղքին: Գիրքերը կը շինեն այդ սիրտն ու այդ մեղքերը իրենց ուզածին պէս: Ու այդ գիրքերն են, որ սիրոյ ճամբան կը ներկայեն անդունդ մը հանող, բայց որուն սկիզբը զոհուած աղջիկէ մը արիւն է հոսած: Պէտք է անցնիլ լուռ այն ողբերգութեանց վրայէն, որոնք կը պատմեն, թէ ինչպէս մանկամարդ աղջիկներ, մեռած մայրիկին տեղը կը բռնեն փոքրերուն գլխուն, ու կը մեծցնեն զանոնք իրենց նուաստութեամբը: Ու պէտք չէ ըսել տակաւին գինն ալ այն դրամներուն, որոնք աղքատի մը, զոհուողի մը քրտինքը ունին իրենց արտադրիչ: Սեւազգեստ կինե՜ր, երբ գեղեցիկ էք ու դժբախտ: Բայց` երբ աղքա՜տ ալ էք: Ու ունիք որբեր ձեզմէ հաց ուզող:

Մայրը օրհնեց բոլոր բանտարկեալները: Ամուր ու դաշն էր այդ բարբառը ու նման էր քաղցր անձրեւի, որ կ՚իյնայ ապառաժներուն սիրտին, կը մխայ ու արցունք կ՚ըլլայ, պուտ-պուտ ու խոշոր: Բանտարկեալները միշտ ալ յուզումով ականջ ու հոգի կու տային այդ մաղթանքներուն: Կան տեղեր, երբ բառերը կ՚ըլլան պատկեր ու իրականութիւն, վեր` կեղծ իրենց նկարագրէն, զոր գիրքերու մէջ իրենց բնակութիւնը տուած է իրենց: Բայց անոր ձեռքերէն, որոնք ուղղուած էին իր «ստեղծողին», աղօթքը, բարիքը կը ղրկէին վեր, թռցուած թռչուններուն նման: Այդ հրաշքին տակ գառագեղը կը թուէր տեսակ մը աղաւնետուն:

Ծերը, հիւանդ ջրդողութեամբ, կը տառապէր կոկորդէն ու քիթէն կախ լեզուակը խոշորցեր էր շատ, ստեպղինի մը նման առաստաղէն իջնելով շունչի փորուածքին: Անիկա կը տառապէր հետեւիլ չկրնալով պառաւին մաղթողութեան, որ տեսակ մը գրականութիւն է, հնարուած մուրողներէ եւ ծերերէ: Արեւելքի մէջ, ծերութիւնը, հազուադէպ, կ՚անարգուի գրեթէ միշտ: Այս նախատինքն է ծնունդը անէծքի ահին ու այն տաղաչափեալ մաղթանքներուն, որոնք ծերերը կ՚ընեն հանդուրժելի փոքրատի ուրիշ տառապողներու աչքին: Ստիպուած կը կրկնէր պառաւին տարազները, միայն իրենց վերջնամասէն, յանկերգի մը ու արձագանգի մը նմանը, «ինշալլա՜հ»ներով ոռոգելով թեւերը մաղթանքներուն: Ու դժնդակ այս մասնակցութիւնը կը նեղէր ներկաները:

Յետոյ` անձկոտ լռութիւն, մեկնումը կանխող, բայց զայն հարկադրող տարտամ անհանգստութիւնը, որ ի վերջոյ ցաւ մը կ՚ըլլայ:

Կը նեղուէին, որ պիտի երթային այցելուները, բայց չէին ալ խորհեր, որ այդ անձկութիւնը կապ ունէր նաեւ իրենց հոդ սպասելուն ալ: Պատշգամին, «պալատական» կինը կը խօսէր տաք-տաք, ուրիշներու աղջիկներէն ու սպասուհիներէն դուրս: Մեծ մասը սպայ, հասած արագ, հաւանաբար կապ ունենալով մտրակող յիսնապետի պատիժին հետ, զոր կը կարծէին արդար ու իրաւ: Բարեձեւ, լաւ հագուած, թարմ երիտասարդներ բոլորն ալ, աւելի կոճակէ կառոյց, որոնք մութ լազուարթ անոնց համազեստը կ՚ընէին վեհափառ բան մը, ոսկեզօծ աստեղատուններ շարելով անոնց կուրծքերէն: Թուրք սպան այդ զգեստաւորումին մէջ կը ծածկէր շատութեան, մա՛նաւանդ փարատի պահերուն: Կայսրութեան պաշտպանն ու հպարտութի՛ւնը:

Ու քոմանտան փաշան, լեցուած դուրսէն իր զգեստին մէջ: Որ իր փորին տակառը տեղաւորեց երկաթ ձողացանկին: Փարթը այսպէս ամրացնելը ձողերու միջով, նշան էր հազին: Ու իրաւ ալ, վարէն մարդիկ կարծեցին տեսնել անոր դէմքը, որ բանջարի մօտ բան մը եղաւ հազին մուրճին տակ: Որմէ յետոյ, անվրէպ, անոր բերանը պիտի պարպէր աման մը խուխ: Քրտնա՞ծ: Ըլլալու էր, վասնզի ճաղատ գանկին փռեց թաշկինակ: Բարկութիւնը երբեմն այս ձեւ կը պաղի մեր մարմինէն:

Մոռցուած վարը, բանտ-քաղաքը, երկու հազար թշուառութիւնները: Տեսակ մը թշնամի օտարութիւն, որ վերէն կը թափէր բոլոր այդ դժբախտ քաղաքին վրայ: Մատաղ աղջիկը կը խօսէր ժպտուն եռանդով: Ու անոր ձայնը քաղցր ու զիլ գլգլում էր ջրվիժուող վերէն: Սեւազգեստ կինը զգա՞ց այս հակադրութիւնը, որ մարդերը կը բաժնէ վայլողներու եւ զրկուողներու: Խօսեցաւ անիկա կամաց, բայց լսելի.

-Երկու կանգուն կտաւ է գինը այս բոլորին:

Նայեցան իրեն մահապարտները, բարի, սեռէն վեր աչքերով: Կը թարգմանէ՞ր բոլորին ալ զգացումները, թէ նախանձող կնոջ ժանգն էր, որ կը ծորէր դուրս:

Ծունկերը շփելով - խոնաւ քարերուն վրայ այդ երկժամեայ դադարը իբր ցաւ կ՚արտայայտուէր պառաւին յօդուածներուն -, մայրը ոգեկոչեց փատիշահին անսահման գութը: Բռնապետութեան ամբողջ ընթացքին, բոլոր թուրքերը պաշտում ունեցան ահաւոր վեհապետին համար, որ աւանդութիւնն ու արդիացումը իրարու հիւսեց այնքան յաջողակ աճպարարութեամբ, նկատուելու չափ, տառացի կերպով, «շուքը» Աստուծոյ` ինչպէս կը գրեն արդէն թերթերը ու արաբերէն աղօթքները: Հեռու ստեղծողին մօտ ներկայացուցիչն էր ան: Ու անոր սիրոյն, անոր կամքովը այդ միլիոնաւոր սիրտերը կը կրէին զրկանքը, արգելանքը, փոքր տէրէրու մեծ բռնութիւնները:

Մայրը օգնութեան կանչեց տակաւին Աստուծոյ ու Մարգարէին անսպառ ճամբաները, որոնք այնքան գաղտնի կը քալեն, ու կը ցատկեն լեռներն ու ծովերը, մեզ գտնելու համար մեր կորանքին կամ յոխորտանքին ոտքին, եւ որոնցմէ մէկուն միայն բացումը բաւ էր սա մարդերը դարձնելու ետ, իրենց տուներուն, վերականգնելու կործանած երջանկութիւնը: Ո՞վ է կարդացեր գիրը, որ կը դրուի վերէն մեր ճակատներուն: Անկարելի` ոչինչ: Անոր առջեւ, որ լուսինը գնդակի նման կը հանէ թեզնիք էն: Ու բարի կամ չար (պառաւները կը մտածեն իմաստասէրէն աւելի խորունկ, երբ դէմէ դէմ դրուին նման հարցերու) այս աշխարհը շինուած էր, այո, իր մեղքերովը, անիրաւութիւններովը, ոճիրներովը, զուլումովը, նորէն ու նորէն անհաս կարգադրութեամբը անոր Տիրոջը, ո՛չ թէ մարդոց կարճ, կաշառելի, խեղճ խելքին կարկինովը:

Այսպէս կը դատեն անոնք, որ չեն հասկնար, թէ ինչու սա վերի աղջիկը, հակառակ բոլոր մեղքերուն (մեղքը առաձիգ բառ է) այդպէս հագուի, վայելէ, սիրուի ու ան միւսը, սեւերով, հացի մը համար նախատուի իր ամէնէն խորունկ զգացումներուն մէջ ու պառկի հետը կառապաններուն ու հովիւներուն:

Այսպէս կը դատեն անոնք, որոնք շաքար օձ մը գնելու համար պիտի սպասեն գլխուն մեծ մեղաւորի մը, լսեն անոր հեծեծանքները, հոգեվարքի մահիճէն ու գարշանքը դիտեն անոր ընկղմող մարմինին, թարախ ու աղբ, դեռ դժոխք չիջած, հոգէառին շունչին ներքեւ այդպէս ջուր ու լեղի կտրած ու պիտի մաքրեն այդ գարշութիւնը, հագուեցնեն, առքով-փառքով գերեզման առաջնորդելու մէկը, որ երկուքի տեղ երկու հարիւր մարդ էր սպաննած, բայց օրէնքին ցոյց տուած ճամբով, կտրելով հացը սուրբերու բերնին:

-Երկու կանգուն կտա՜ւ, գինը այս բոլորին…

Հարկա՛ւ:

Այս ընդհանրացումները խաղաղութեան տերեւներ են մեր այրուած վէրքերու շրթունքին: Պէտք ունինք այդ զովացումին, վասնզի որքան ալ աղտին մէջ խաթարուինք ու մեղքով կարծրանանք, կը կրենք մեր մէջ կէտեր, որոնք բարակ են մեզմէ: Գիտութիւնը մարմինին մէջ տեղ մը բարձրացող ճնշումին փոխարէն, նոյն մարմինին մէջ ուրիշ տեղ մը ցածցնող ճնշում կը պատգամէ: Ու նոր չէ, որ հոգին փորձ կ՚ըլլայ ենթարկել մարմինին օրէնքներուն:

Րոպէ մը, մեկնող Սողոմին տարիքն ու թարմութիւնը ինկան տարազի, քանի որ բոլորէն դժբախտ ան է ըլլալու, նոր մտնելուն սա սանդուխէն ներս: Որ չէր հասկցած բան մը սա աշխարհէն:

Խօսակցութիւնը, հատնելու վրայ մոմի բոցի պէս` պայծառացաւ: Մաս առած էր անկէ աղջիկը: Մտածումներուն ու մաղթանքներուն ընկեր ընելով իր ձայնը հատած` անօթութենէ՞ն, վիշտէ՞ն, անծանօթ կամ անասելի ուրի՞շ բանէ մը: Փխրուն էր այդ հագագը ու տպաւորիչ: Կերկեր, քաշքշուող ու բեկբեկ, տարօրէն ենթակայ այն նուաստութեան, որ անոր կեանքն էր քաղաքին բացօք: Լուացք չէր ըներ դեռ թարմ ըլլալուն, բայց կ՚ընէր աւելի անտանելին: Ու կ՚ընէր գաղտնի մօրմէն ու ծանօթներէն, գիշերները ելլելով տունէն ու սուզուելով դաշտի պահապաններուն ամայի հիւղակները, ուր կը գտնէին զինքը կառապաններն ու աւելի թշուառները:

Հեւք` քան թէ յօդաւոր ձայն:

Անոր լաչակը չէր կրնար ծածկել մորթը անոր ներքին դժբախտութեան ու ձայնին: Երբ անոր հիւղակին կեանքը ջնջուէր հրաշքով իր մտքին դէմէն անոր կը դառնար վիրաւոր, ժողովրդական իմաստութիւնը, կցկտուր` բայց ծանր, գետին ինկած պտուղներու նման քաղցր, բայց խոցոտ: Ըստ այդ պատգամներուն պէտք չկայ բեկուելու լոյսէն, որ միշտ աւելի կ՚արժէր, քան ոչ յոյսը: Դուրսը արձակ կարծուած աշխարհին վրայ կեանքը շատ տարբեր մը չէր: Հոն` ալ այս մութը, ցերեկին մէջ ալ, երբ պատառ մը հացի համար մանկամարդ կին մը սենեակին երեսին կը փակէ վարագոյրները, դուրսէ՞ն, թէ իրմէ ծածկելու համար ամօթը իր մատուցումին: Հոն ալ շղթաները, քանի որ մէկ կուշտ փորէ մինչեւ յաջորդը մեր կռնակը երբեմն բեռնով անգթութիւն, նախատինք, զրկանք կը փոխադրէ: Քանի որ մա՛նաւանդ մարդոց ուսերուն տեղ սիրտերն էին շղթայի առնուած այնքան շատ անգամ:

Մենք մտիկ կ՚ընենք, երբ կիները կը խօսին, վար` երեսունէն, տժգոյն են ու սեւ աչքեր ունին, խորանալ կրցող:

Այո՜: Կարիք չկար սեւնալու: Անոնք երջանիկ էին նոյնիսկ…: …Գոնէ օրուան չոր հացին համար բանտարկեալները չէին գողնար կամ անասնանար: Ու չէին արտասուեր եղբայրները անոնց, որոնք այդ պատառ մը հացը կը գնէին, իրենք միայն գիտէին` ի՛նչ գնով: Հապա անոնք տակաւին, տարիքէն կոխոտուած ու պառաւներ, որոնք որբեր կերակրելու համար պաղած մոխիրը կը շաղուէին իրենց արցունքովը, ալիւրի եւ եղի փոխարէն ու կը շինէին բաղարջը հեքիաթի պատմումին նման:

Այո՜: Պէտք էր տակաւին հաւատալ ալ, որ տարբեր էր յուսալէն: Արիւն թափե՜լը: Անշուշտ է՛ն մեծ տառապանքը: Բայց թողութի՞ւնը: Չէ՞ որ ատ ալ կատարուած էր հրամանովը Ամենակալին, առանց որուն որդն անգամ իր մորթը չի կրնար փոխել:

-Երկու վայրկեա՜ն:

Ոստիկանն է:

Բայց խօսքը տաքցած, ինչպէս է պարագան ամէն բաժանումէ առաջ:

Մանկամարդ կինը դիւրութեան թէ ուրիշ զգացումով` վերցուց լաչակը բերնէն: Անոր շրթները տժգոյն էին տարօրէն, ինչպէս այտերը: Հիւանդութեան կնի՞ք, եղ ու հաց չտեսած մարմինի կնի՞ք: Յոնքերուն աղեղը, ճակատը կը կրկնէին երկու զաւկի հայր մարդասպանը:

Այսպէս կ՚ընէր ամէն հրաժեշտի: Պչրա՞նք, խորհո՞ւրդ: Անիկա պիտի իյնար լման հասակովը, աչքին մէջը հայ երիտասարդին: Ու պիտի ընէր այդ ընկղմումը դողալէն ու բարի: Մարդոց գիրկը, ծովուն ծոցը, կիներուն աչքը իրար կը յիշեցնեն մենէ շատին մէջ: Երիտասարդը կը սարսռար, կը փակէր թարթիչները ու կ՚ըլլար բանտին առաջը, անուանի ասպատակը…

Յետոյ` մեծ զարկը, այսինքն` կաթսայի մը կողերուն հասցուած թակումը` ենիչէրիներու օրէն մնացած մուրճով:

Այցելուները պիտի իջնային սալարկ:

Բանտարկեալնե՞րը: Ոմանց գլուխը առաջ, ուրիշներունը ետ, քալէին պիտի, դանդաղ ու յոգնած, կրելով լոյսը ճիշդ բեռան նման, աւելորդ, ո՛չ միայն իրենց բիբերուն, այլեւ` ուսերուն:

Հինգ վայրկեան յետոյ, նկուղին մէջ պիտի փռուէր, ամէն անգամուան պէս, պաթանիա մը նորէն: Որուն վրայ բախտին ոսկորը պիտի խօսէր ու այցելուներով մտած դրամական անհաւասա րութիւնը հարթէր անյապաղ, ասոր ու անոր բաժնելով այդ կտոր բարիքը, որ ծերունիի մը մուրալը կամ մանկամարդ կնոջ մը ինքնավաճառումի գինն էր ունեցած:

Հայ երիտասարդը չէր խաղար: Անոր մտքին կ՚ապրէր սեւազգեստ կինը գիշերը ամբողջ: Ներքինիներ պատկերով կը տառապին

 

ՎԵՐՋ Գ. ԳԻՐՔԻՆ

1 Շ¿ßÁ (վեց) պէշ (հինգ) տեսնել - առարկաները շփոթել:

2 Ֆէրաճէ - թուրք կիներու պարեգօտ:

3 Էլիֆպա - այբուբեն:

4 Տեսթէ պաշի - տրցակին գլխաւորը:

5 Տաիրէ - դիւան:

6 Հովարտա - գոռոզ, ինքզինք տեսած անձ:

7 Սիֆթահ - օրուան առաջին առուտուրը, որ օրուան նկարագիրը կը պարունակէ ըստ աւանդութեան: