Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Մոխիրնոցը։

Բառը անծանօթ չէ մեզի։ Բայց ստուգաբանութիւնը շատ տխուր գիտութիւն մը ըլլար պիտի, եթէ լուրջ ու լեցուն-գլուխ հնախոյզները միայն խանդավառէր` սնանելով բառերու փշրանքներով ու լեզուական ցամաք պատգամներով։ Անիկա, բարեբախտաբար, համառօտուած, խորհրդանշուած ողբերգութիւն ալ է երբեմն, որ, աղէտին հետակորոյս թաթառէն յետոյ կը դիմանայ բարբառի մը մէջ` անցնելով յաջորդներուն, անշուշտ աղօտած, բայց դեռ պահելով կնիքը եղերական դրուագին։ Մեր լեզուն բաւական ունի անոնցմէ, որոնք մեր բարքերուն ու դժբախտութեանց իբր խեցիները կը դիմանան տակաւին` հետզհետէ կորսնցնելով իրենց ցայտուն մասերը։ Ու բանտի մը մէջ, մա՛նաւանդ յատուկ անուն մը անիմաստ կը դառնայ, եթէ եղեռնական խորունկ դրուագներու, ոճիրներու հեռարմատ մը չծածկէ իր տակ։

Հին քաղաք, Պրուսան։

Թուրքերը, որոնց մասնագիտութիւնը եղաւ քաղաքակրթութիւնները թաղել, նոր է, որ իրենց ախորժակները կը տարածեն նաեւ ողջ տարրէն դէպի անողջը, այսինքն՝ մարմարը, կառոյցը։ Կ’ըսուի, թէ անոնք մեր երկրին աւերակներն ալ ձեռնարկած են անյայտ ընելու, սկսելու համար նոր իրենց քաղաքակրթութիւնը, մաքուր թուղթի մը վրայէն։ Անշուշտ իմաստութիւն մըն ալ ատ։ Իրենց պապերէն անդին անցնելու իրենց զայրոյթին մէջ՝ անոնք կը տաճկըցնեն Հայաստանի երեսը։ Երեսուն տարի առաջ, անոնք չէին այցուած այդ ներշնչումէն ու թողած էին պատմական քաղաքը` Պրուսան, գրեթէ իրենց գտածին նման։

Աւերակներ։ Ո՞ր հողամասը չունի, անոնց ծայրատուած եւ դեռ ահագին կայսրութեան մէջ, անոնցմէ։

Որոնց մէկ կարեւոր մասը կը յամառի տակաւին հողի երեսին, պարիսպներու հսկայ դիակներով, շրջած իրենց կողերուն։ Հին միջնաբերդը, որուն սարահարթը այսօր տրտում պարտէզներու գերութեան է յատկացուած, փոքր դամբարաններու տարտղնուած դիակայնութեամբ, իր կողերը կազմող ապառաժներէն վար է հոսած ահաւոր հաստութեամբ, բայց փշուր-փշուր իր խեցեհիւս ալիքները` թրքանալու համար դաժան սարսափով։ Փլատակներ, շատ բազմազան, արդի քաղաքէն քանի մը ժամ հեռուները մինչեւ տարածուող, հաւանաբար ազնուականներու ապարանքներ, որոնք տասը-քսան դար առաջ այդ հրաշալի լեռնաթափին փլուեցան` իբր հեթանոս գեղեցկութիւն, առատութիւն եւ տարփանք, այսօր՝ մացառներով կեղաւոր, եղիճներու սղոցակուռ բանակովը անմատոյց իրենց մեծ կողմերէն, խորշիկ մը տրամադրած են Մոնկոլիայէն կարծես նոր ժամանած թաթարին, որ քանի մը մորթ կը տարածէ թերեւս այն դահլիճին յատակին, ուր թագուհիներու ոսկի պատմուճանները շողացին։

Ամէն տեղ, մա՛նաւանդ յետսակառոյց թաղերու մէջ, հանդիպելի են փորուածքներ, հողն ի վար իջնող խելացնոր փեռեկտումով։ Երբեմն անոնք իրենց գահավէժ թաւալումին մէջ, յանկարծակի սառումով մը կը վերածուին կամարակապ աւազաններու. աւելի յաճախ՝ ճամբաներու` գրեթէ միշտ կափուցուած իրենց ոլորքներուն մէկ կէտին, աւելի քիչ՝ հանելով ընդերկրեայ պալատներու անաղարտ բեկորներուն, սրահ, սենեակ, վիրապներ, երկաթապատ պատուհաններով արգելարաններ, բանե՛ր՝ ասոնք, որոնք կը թելադրեն դիտողին երեւակայութեան քանի մը հազարամ կանխող բերդերը, ապարանքները կրկին, գետնէն վեր մասերուն մէջ այնքան շլացնող, գեղեցիկ ու տարփայոյզ, բայց մա՛նաւանդ գետնամուխ յարկերուն մէջ կրկնապէս ահաւոր, խոր, աւիւնով, մահով ու ասոր բոլոր անտիպ դրուագներովը պսակաւոր։ Ամէն մեծ պեղումի, այսինքն՝ երբ մեծ կառուցումի մը համար հիմերը կ’իջնան հինգ-վեց կանգուն ցած արդի փլակոյտէն դէպի վեր, այս խոռոչները կը բուսնին յանկարծ։

Ընդերկրեայ այդ վիրապները իմ ժամանակիս, այսինքն՝ երեսուն մը տարի առաջ, վերեւի տունին համար սկսած էին վտանգ նկատուիլ։ Առնուազն սատանաներու կայան ծառայել մը զանոնք կը դատապարտէր կուրնալու։ Թուրքերը, նորնալու իրենց մոլուցքին մէջ, կ’ատեն հնութեան աւանդները, ինչպէս զանոնք ստեղծող ժողովուրդները կը չորցնեն հողին երեսէն։ Կէս դար առաջ կը յարգէին վիրապները, սառնիճները, գետնուղիները, պետական մեծ շինութիւններու ցանցին մէջ` մութ, բայց հաւանական պէտքերու հեռանկարով մը։

Ընդերկրեայ այդ կառոյցները Ջերմուկներ կոչուած արուարձանին մէջ երկրաբանական տեսարաններու ալ կը վերածուին քաղաքին պատմութեան մէջ յաճախակի ցնցումներով, որոնք անոր ընդերքը բզիկ-բզիկ են ըրած։ Այդ արուարձանին մէջ երբեմն երեւան կը հանուին պատմական քարայրներու ճարտարապետութեամբ կաղապարումներ, բայց բնութեան մուրճին փոխարէն մարդկեղէն կնիքով։ Այդ մասը ունեցած է ատենին իր երկրորդ քաղաքը, այս անգամ գետնատակին։ Հո՛ն՝ ուր երկրաշարժը խնայած է քիչ մը բան (1854ին հսկայ շարժ մը քանդած է այդ քաղաքին երեք չորրորդը, մա՛նաւանդ ստորերկրեայ մասէն), կողին երկարած պարիսպի մը մէկ կէտէն ներս մտնողը ինքզինքը տասը-քսան քայլով կը գտնէր մեծկակ սրահի մը մէջ, վիմափոր ու մաքուր։ Զայն ծակծկող դուռները, դաւաճան անցքերու բերան ծառայելէ զատ, իրենց սեմերէն կ’իյնային յանկարծ, անդունդի մը հասակին վերածուելով, ուր իշխաններ ու ուհիներ ձգուեցան հարկաւ, բուռն կիրքերու այդ մերկ, պարզ տարրերուն, երբ ապրիլը ապրիլ էր, այսինքն՝ ուտել ու սիրել, ու չմտմտալ։ Այդ զոհերը, փաթթուած իրենց մեղքին, բախտին, աւելի յաճախ իրենց գեղեցկութեան կամ անմեղութեան, այդ անդունդներէն նե՜րս։ Որոնք շատ տարբեր չեղան թուրքերուն ձեռքով, այդ հողերու այս անգամ երեսին վրայ գործադրուած նոր ողջակէզներէն։ Այն ատեն ապարանքին գահակալը, իր զգայարանքները ունէր իրեն իբր օրէնք։ Մեր օրերուն անոր աւերակին տիրակալը տարբեր բան չունեցաւ ոճիրը մարսելի ընելու ո՛չ միայն իրեն, այլեւ՝ շատ բարակցած, շատ քրիստոնեայ աշխարհին անգամ։ Ու միտքիս առջեւ կը մնայ կանգուն տասը դար առաջուան գազա՛նը, ու անոր հեղինակած օրէնքը, որ ապառաժները այդպէս կը փողրակէ դէպի վար, հոն թափելու համար միս ու արիւն։ Օրէ՜նքը։ Որ հիմա թուղթով կապկպուած, ներկուած, ածիլուած կամ սեռափոխուած ատիկա ընտրեալ գործն է մեր շահերուն կը թուի կորսնցուցած ըլլալ իր հովանաւորած ահարկու ապօրինութիւնները։ Հիմա կը սիրենք անոր վրայ կամ կը կատղինք։ Այդ օրերուն անիկա մատ մըն էր, շրթունք մը, նայուածք մը, աւելի կարճ՝ կիրք մը։ Կ’անցնին թագաւորութիւնները, ինչպէս քաղաքներու երեսները։ Կ’անցնին ութ, տասը ժողովուրդ, ըսել կ’ուզեմ՝ մեղքերու բազմամիլիառ բջիջը, որ այդ քաղաքներուն յատակ է ծառայած, կը բզկտուի ժամանակին ժանիքէն, բայց կը վերակազմուի մայր մեղուին տարօրինակ պատրանքովը։ Բերդերը, դղեակները, անոնց տէրերն ու ուհիները կ’ըլլան փոշի, անոնց անայց, վիմափոր տապաններուն խորը։ Պիտի գայ նորը։ Պիտի գայ ու երբեմն, քիչ փոփոխութեամբ, կեանքի պիտի կանչէ վաղնջուց ապարանքը, իր օրէնքներուն նոյն կարկինովը։ Թո՞ւրքը։ Ան ալ եկած է, ու անհուն այդ փլատակներուն վրայ դրած՝ իր ալ կնիքը։ Հիմա՞։ Ջուրի, թուզի, մետաքսի եւ խնձորի քաղաք՝ Պրուսա՛ն, զոր թուրքերը կ’ախորժին կոչել «Կանանչ Պրուսա», թելադրել ձգտելով տուներու գորշ մրջնացումը օղաւորող պսակը, քաղաքն է նոյն ատեն ընդերկրեայ զնտաններու։ Շատ տարիներու ներքեւ անոնք կը պառկին, կանգուն, դէպի խորը, խուլ ու կոյր, անօթի, մարդկեղէն որսին ակնկառոյց։

Մոխիրնո՜ց։ Պարզ բա՞ռ։ Մի աճապարէք։

Մոխիրնո՛ց. գուցէ անոր համար՝

վասնզի չարազրոյց աւանդութեան մը համաձայն, կէս դար առաջ, այդ զնտանին, զնտաններու գօտիին մէջ ինկողները ողջ-ողջ փոշի կ’ըլլային, աղի վերածուելով իրենց մարմինին երեսէն։ Կրա՞կ։ Բայց ժողովուրդը անոր գոյնն ու ջերմութիւնը գիտէ։ Գետնէն բխող կազե՞ր։ Ո՜վ ինչ գիտնար։ Ամբողջ շրջանը հրաբխային դանդաղ գործունէութեան մը հետքերը կը պահէ տակաւին։ Պաղ ջուրը հանդիպած տեղէն դուրս կու գայ։ Նոյնը հասկցէք տաքին համար ալ։ Թունաւոր շոգինե՞ր։ Աւանդութիւնը կ’ախորժի սուտէն, բայց միշտ անկէ չի մեկնիր։ Բաղնի՞ք, հնութեան պաշտամունքի պալատներէն բեկո՞ր մը։ Իմ օրերուս ջնջուած էր ճնշումը, մոխիրնոցը արդարացնող հեքիաթը՝ ինչպէս խզուած էին նման վտանգաւոր վիրապները քառորդ դար առաջ հոն պաշտօնի մեծ կուսակալի մը հրամանով, զարգացած անձնաւորութիւն, այդ ատենին համար ահաւո՜ր արժանիք, եւ որ յետոյ բարձրացած է մինչեւ եպարքոսութեան։ Անոր վճռականութիւնը, արդարամտութիւնը, լայնախոհութիւնը, զինքը ըրած են բացառապէս ժողովրդական։ Ու բարեհամբաւ այդ պաշտօնատարը մաքրած է քաղաքը, մեծ ու պզտիկ իր բռնաւորներէն, այն օրերուն ամէն թաղի մէջ այնքան առատ, բոլոր կարեւոր պողոտաներուն կանգնելով մահուան եռանկիւնը, կամ անկիւններուն զետեղելով կառափնատի ծառային մսագործի կոճը, կամ շարելով հրապարակներու վրայ որսուած ձողերը, կոխելով, գլխատելով, ցցհան սատկեցնելով արիւնկզակ մեծաւորները, անխնայ ու արագ, ասիական իմաստութեամբ, ու անոնց դիակներով լեցնելով իրենց բնակարաններուն գորշ այդ նկուղները, մրցելով՝ այս կերպ, փառքին հետ թուրք պատմութեան ուրիշ մէկ ականաւոր զօրավարին, որ իր ձեռք անցուցած աւազակներուն ողջ մարմիններովը չորցուցած է հորերը Անատոլուի կարգ մը գաւառներուն։ Այդ փաշան իր պիտակովը (Գույուճի Մուրատ փաշա, որքան կը յիշեմ), ամէն ատենի համար պիտանի հերոս մըն է երկրի մը մէջ, ուր ասպատակութիւնը գերագոյնն է ասպարէզներուն, մինչեւ եպարքոսութիւն ճամբայ ունեցող։

Մեր այս պատմութեան օրերուն, բանտին այդ մասը կը պահէր Մոխիրնոց յորջորջումը, բայց գրեթէ կորսնցուցած էր արդարացուցիչ հեքիաթը։

Նախագաւիթ մըն էր ան, ինչպէս ունին քաղաքին բաղնիքները, մայր զանգուածին կիսով յաւելեալ նոյնոճ կերտուածքով` թրքական շինութեանց ատեն երեւան հանուող հին մեհեանէ մը կամ մեծատարած բաղնիքէ մը ձեւաւորուած։ Երկրաշարժը տաք ջուրերու ակերը փոփոխութեան կ’ենթարկէ կարճ իսկ շրջաններու վրայով։ Դարերու գծո՞վ։ Այս ենթադրութիւնը կ’ամրանար պատերուն նկարագրովն ալ, որոնք բերդերու, պարիսպի կտորներուն նախանիւթերը գործածեր էին, մատի հաստութեամբ, բայց տափակ կղմինտր, թիզ մը հասակով, անհուն համբերութեամբ հիւսուած վրայ վրայի, գորշ կապար շաղա խ ի մը մէջ երկաթնալով։ Այս նախանիւթը հասարակաց է բոլոր փլատակներուն։ Նախագաւիթ ըսի, վասնզի կիսակամարները, աղեղները, հաստ պատերէն բխող եւ իրարու կորացող, հանդիպելի են այսօր կանգուն բաղնիքներուն այդ մասերուն մէջ։ Միջնադարեան ո՞ճ։ Թուրքերը անշուշտ կը ցատկեն հռովմէականին ալ վրայէն, քանի որ այնքան աճապարանք ունին իրենց ցեղը հնագոյն մշակոյթով մը օժտելու եւ իւրացնելու փառքը այդ ինկած ճարտարապետութեան։ Ինչո՞ւ կը մոռնան սակայն, թէ խրճիթներով ապրեցան առնուազն տասը դար տակաւին, երբ Բիւթան ի ոյ այդ դաշտին վրայ հելլէն ոճը կը ծածկէր հսկայ լոգարանները եւ մեհեանները։ Ու, հակառակ ժամանակին, շարժին, թուրքին, այդ ոճին փշրանքները դեռ կը յամառին մնալ հողին տակը՝ ինչպէս երեսը։ Ծոյլ ժողովուրդները ցախով գոհացան։ Աւերումի մէջ յաջողակ ժողովուրդները, երբ կը յոգնին խորտակելէ, կը ձեւափոխեն իրենց հին ժառանգութիւնները, եւ կամ՝ պատի, տաղաւարի յաւելումով կը կարծեն ստեղծած ըլլալ ցեղի մը ամէնէն ամուր ու տեւող արտայա յ տութիւնը ճարտարապետութիւնը, որ աւելի բախտաւոր է, քան թուղթի վրայ պահուած միւս եղանակը ` գրականութիւնը։ Զուր տեղը չէ, որ թուրքերը շատ տեղ գոհացան ` եկեղեցիները ուղղակի մզկիթի վերածելով։ Բնատիպի վրայ իրենց յաւելումները, մա՛նաւանդ Պոլիս, տխուր են՝ որքան բարբարոս։ Կիրի ծեփ մը, աղիւսէ պատ մը, երբեմն տախտակ-պարիսպ մը բաւ են սեպած ջնջելու համար հինը։ Անոնց երբեք չէ այցելած նո ր ը, այսինքն՝ իրենցը։ Պոլիսը ոճաւորող մզկիթնե՞րը։ Անոնց մէջ ոչինչ ունի մոնկոլը։ Ատաղձը տկարացած երկիրներուն կողոպուտն է միշտ։ Ոճը՝ տաճկըցած քրիստոնեային մտածնունդը։ Բանուորն անգամ տուած են պարտուած ազգերը։ Ու ա՜յդ պատճառով Պոլսոյ ճարտարապետական թրքութիւնը արտաքին է թերեւս։ Չեմ զբաղիր Այա Սոֆիայով, որ տաճկըցած է ճէմիշներով ու բակադիր ապտէսթի աւազաններով։ Մինարէնե՜րը։ Տգեղ սիւներու կը նմանին հոն, մինչ իսլամին ուրիշ սրբատեղիներուն մէջ անոնք ծաղրանկար սլաքներ են` զաղփաղփուն իրենց շնորհովը կերպադրելով բարակ մարմինները կիներուն։ Գահիրէի մինարէները եղէգի կը նմանին ու կը վայելեն իրենց ոճաւորած յիշատակարաններուն։ Ոչինչ այնքան տխուր, որքան տաճկական միջակ քաղաքներու բորբոսած գմբէթով աղօթատեղիները, որոնք իրենց պատերուն խոց-խոց գորշութեամբը նայուածքը կը կտրատեն ու խաղաղութեան, բարութեան յղացքի փոխան տեսակ մը սարսափ կը ցոլացնեն։ Նոյնիսկ կեդրոն քաղաքներու կառոյցները անմիջական պէտքերով միայն կը տառապին կարծես։ Ասոնցմէ ոչ մէկը իր մէջ կը խտացնէ տեւողութեան վրայ տարածուելու ամփոփ յառումը, որ քրիստոնեայ կամ հեթանոս ոճերուն գաղտնիքը եղաւ, ա՛յն թռիչքը, որ բացուած պահուն սառեր է մարմարին մէջ ու գոթական տաճարներու ciselureէն դեռ կը պատրաստուի երկինք բարձրանալ։ Տեսեր եմ Էտիրնէն, Սէլիմի նշանաւոր մզկիթը, որ միջին դարու այդ քարացած, բայց ամբողջ ու շնորհալի ճարտարապետութեան քով դրուած, թոհուբոհ միայն կը թելադրէ, գուցէ ցեղին այդ օրերու միակ հոգեթռիչքը, որ անընդհատ արշաւներու մղձաւանջ մըն է վրանին։ Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ ճարտարապետին անգթութիւնը։ Միջին դարը եւ Պալքաններուն այլասերումը։ Առանց բիւզանդական հանճարին ու առանց անոր սպաննող դիւանագիտութեան, թուրքերը ո՛չ շինել, ոչ ալ յաղթել գիտնային պիտի։ Չի բաւեր դիտել կիրն ու շաղախը, փայտն ու տախտակը, սիւնն ու մարմարը։ Կողոպտող զօրաթեւերը, իրենց յաղթական դարձերուն ատոնք պիտի բերեն։ Այդ նախանիւթը ազգայնացնող ոգի՞ն։ Բայց ո՞ճը՝ որ հանգչող գիծերու բիւրեղացումն է ժողովուրդի մը մէջէն դէպի դուրս, անոր ամէնէն հիմնական շնորհներուն դէպի արեւ սլացքը։ Պրուսան, ուրիշ մայրաքաղաք մը, հարազատ նշխար մըն է տասնհինգերորդ դարու թրքական մեծ արշաւանքին, որ մէկ դարու մէջ արաբական կայսրութեան կէսին չափ աշխարհներ տիրակալեց սա տարբերութեամբ, որ Պաղտատ մը կամ Քորտովա մը չկրցաւ կտակել։ Որ կործանեց, առանց շինելու, ինչպէս ըրեր էին արդէն միւսները, ցեղակիցները, Մանչուրիայէն մինչեւ Միջերկրական։ Քանի մը պատմական մզկիթները, որոնք այդ քաղաքին մէջ գոնէ իսլամ-արաբ ճարտարապետութիւն մը կը կերպադրեն, գլխաւորաբար սուլթաններու փոքր դամբարանները, Եշիլի եւ Պայազէտի մեծակառոյց մզկիթները, աւարի, առատութեան, անգթութեան ու արիւնի հսկայ դարը կ’ոգեկոչեն, երբ ներգեւած ու մեղկ քրիստոնեայ իշխանութիւնները, կոմսեր ու դքսութիւնները, իրարու ետեւէ ինկան վայրագ, գունդեր, նոր այս ժողովուրդի գարշապարին։ Անոնց դիակներով կառուցուած այդ շէնքերը նոյն անողոք խստութիւնը դեռ չեն կարսնցուցած, որ շինել տուողներունն էր այդ դարուն, երբ մորթելը ուտելուն, վայելելու ախորժաբերը կը հանդիսանար հսկայ խրախճանքներէն առաջ կամ վերջը։ Հաստ պատերու, սմքած կամարներու ուրիշ թոհուբոհ մըն է ընթացիկ կառոյցը Պրուսայի միւս հնօրեայ շէնքերուն, որոնց ոճին մէջ դեռ նշմարելի կը մնայ նահանջը, ատոր կապուած իրարանցումը բիւզանդական ոգիին։ Միջնաբերդի կողմերը, աւերակներով, հաստատելի, կամ ճղճիմ բնակարաններով ոճաւոր։ Մոնկոլեան երա՞զ։ Կայ ատ ալ, միայն ու միայն աղօթարաններուն վրայ, արաբական պատեանի մէջ, դէզ ու դիակ, թուրի հասակով ու հաստութեամբ արաբական գիրերու հանդէսի մը մէջ, որ պատերը կը սպառազինէ ու աչքերը կը լացնէ իր խստութեամբ։ Ուլու ճամին, քաղաքին կեդրոնը, հաստութիւն ու թրքութիւն է միայն։ Թուրքերը հին շէնքերը իւրացնելու կերպը պարզեցուցած են չափազանց։

Անոնք կամարներուն կամուրջները տանիքներով կը կապեն իրարու։ Գրաւուած շէնքերը կը թողուն օրուան տարազով։ Աղօթատեղիներու առատութիւնը զիրենք չ’ըներ խստապահանջ։ Ամէն հարուստ միւսլիւմանի երազը իր տունին մօտիկ տրամադրելի ունենալն է մզկիթ մը, հոգ չէ թէ ծաւալով պզտիկ։ Ու ասիկա հասկնալի է, քանի որ որոշ տարիքէ մը յետոյ, բանակը ձգող մարդուն զբաղումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ժամացոյցը հոլովել` աղօթքի րոպէները հետապնդելու։ Հինգ նամազը օրուան գերագոյն մտահոգութիւնն է։

Անոնց պետական միւս կառոյցները կ’ախորժին մակաբուծութենէն։ Պազար, բաղնիք, շուկայ, մա՛նաւանդ բանտ ու զինուորական մթերանոցներ մէջտեղ բերելու ատեն անոնք նկատի ունին այս վարժութիւնները։ Ոչինչ այնքան տխրօրէն, այնքան յատկանշող է ժողովուրդ մը, որքան պարտուողին վրայ անոր փաղաղումը։ Անցէք թուրքերու հայրենիքին մէջէն։ Ու պիտի զգաք, թէ ի՛նչ են աւելցուցած իրենց միսէն այդ քաղաքներուն։

Մոխիրնոցը։ Չմոռնանք անիկա։

Մէջտեղը՝ ընդարձակ սալարկ մըն էր, բաղնիքի մը նախամասը յիշեցնող։

Ութանիստ այդ յատակը պատերէն կը զատուէր սեւ մարմարի երիզով մը, որմէ անդին՝ թուրքերու կողմէ նոր դրուած մեռել-քարեր, յունական նշանագիրներէն մերկացած, տգեղ ու անհամաչափ, կը խորհրդանշէին այդ իսկ խորշին մէջ, ինչ որ իրենց ոճը եղաւ դարերով։

Երկու թիզ լայնքով տախտակ նստարան մը կը դառնար բոլորակը ամբողջ, պատին փակած, Արեւելքի քաջածանօթ սաքուն։

Բանտ-քաղաքին այս նախագաւիթը յատկացուցած էր հիւրերուն ։ Սիրուն տարա՜զը՝ որով թուրքերը գիտեն սքողել բանտին սարսափը միամիտներուն։ Հոն կ’ուղղուին նորամուտները` դեռ պատիժէ ու մասնաւորումէ ազատ յանցաւորները։

Մուտքի րոպէին իսկ, սովորութիւն կար զանոնք մերկացնելու, կարծես հաւատարիմ մնալու համար բաղնետան աւանդութեան, որուն մարմինն էր հաւանաբար իր միւս բաժիններէն կործանած սա հին աւերակը։ Կ’առնուէին անոնցմէ ինչ որ հաճոյ թուէր խուզարկութեանց պաշտօնեային, անօթի գազան մը, որ իր նեղուած օրերուն անվնաս առարկաներն ալ կ’ընէր մեղաւոր ու կը դնէր վար։ Յանցաւորները, հոն մտնելէ յետոյ, այդ սաքուին վրայ պիտի ձգէին ինչ որ ազատած էր պաշտօնեային քմահաճոյքէն, պայուսակ, կօշիկ, ուտելիք, սա տակը՝ ծածկոցները եթէ ունէին բերած իրենց գեղերէն։ Պառկելու համար, սալե՛րը։ Ամէն երանգէ ու չափէ։ Փորփրուած, տաճկընալու համար։ Այս խազխզումը հոգեկան պահանջ է անոնց։ Քրիստոնեայ եկեղեցիներն ու գերեզմանատունները մինչեւ այսօր կը շարունակեն քակուիլ, մերկացուիլ իրենց պատմուճաններէն՝ կազմելու համար յատակը սա գարշանոցներուն։ Բանտարկեալները, անկախ՝ իրենց մեղքերուն ծանրութենէն կամ թեթեւութենէն, այս չոր լուացում էն յետոյ, ինչպէս կը հեգնէր կողոպուտի սա եղանակը՝ բանտին արկոն, կը ձգուէին սալարկին վրայ, ազա՜տ, ընտելանալու՝ ա՛լ անկնիք սալերու խորհուրդին մէջ։ Աւերակը պատմութեան դասախօսէ մը աւելի կ՚արժէ։ Ու անով ոճաւոր թերագործը ցեղերու ճաշակէն մեծ բան կը յայտնէ, թէկուզ բանտերէն դուրս, մա՛նաւանդ թաղամիջեայ գռիհներուն մէջ, երբ թուրքին քմահաճոյքը կ’ուզէ գրաւում ընել, յանուն կրօնքի։ Խա՜ն, բաղնի՜ք։ Տեղեր ասոնք, ուր ազգամիջեան ատելութիւնները կնիքի կ’ելլեն։

Որքան ալ սա հաւաքավայրը իր առժամեայ նկարագիրը ունենար իրեն իբր տիրական գոյն, ցամաք, անոճ, ու մերկ, ինչպէս է ըլլալ ճակատագիրը բոլոր ոչ-անհատական շէնքերուն, բանտի այդ մասին մէջ հեքիաթի բրդուճ մը կը դիմանար տակաւին, իր ընդերկրեայ, վիրապային բաժինովը, ուր իբր թէ ձգուէին, գոնէ ատենի մը համար, մեծ ոճրագործները, թեթեւնալու իրենց փուշերէն, հասուննալու՝ խոստովանութեան, անո՜նք, յաճախ նախագաւիթ մտած, միւսներուն նման պարզ երեւոյթով։ Հազուադէպ է, որ ոճիրը ըլլայ հռետոր եւ պոռպռան։ Անշուշտ, այդ մեծ չարագործները, իրենց հետ կը բերէին ծանր ամբաստանութիւններ, բայց ուրանալու համար զանոնք մեծ խաղաղութեամբ։ Արեւելքի մէջ ուրացումին ջերմութիւնը յաճախ կը շփոթուի արդարութեան հետ, ինչպէս պարզութիւնը՝ մեղապարտութիւն կը թարգմանուի, նոյն օրէնքին հակադարձովը։ Ուրացումը մեծկակ, օգտաւէտ առաքինութիւն մըն է։ Հեքիաթը կ’ուզէր, որ այդ հերոսները դրուելէ յետոյ այդ չերեւցող, բայց գոյ վիրապներուն խորը, քիչ-քիչ փոքրանային` այդ խորշերուն շատ ցած կամարներէն իրենք ալ անզգալաբար ցածնալով, սմքելով իրենց դիրքին գագաթներէն, իրենց սուտին տիկերէն, զիջելով իրենց կատաղութիւնը, նախ՝ իրենց, յետոյ՝ շրջապատին։ Մեռնողին ետեւէն՝ ստուեր։ Ի հարկէ։ Ամէն բանտային տնօրէն «գործնական իմաստասէր» մը չէ թերեւս, ինչպէս հիմա կ’որակեն իրենք զիրենք պարզամիտ մարդեր, այլ՝ գործնական հոգեբան մը, որուն թափանցումի գործիքները ոչինչով վար են քահանաներէն ու խղճմտանքի մեծ վերլուծողներէն։ Ձանձրոյթը, յուսահատութիւնը, կարօտը վախէն առաջ ոճրագործը կը կակուղցնեն ու կը թրջեն։ Խոստովանութի՞ւն։ Ինչո՞ւ չէ, երբ մա՛նաւանդ թուրքին ճոկանն է քահանան։ Պիտի տեսնենք այդ խոռոչներն ալ, երբ յառաջանանք մեր պատմումէն ներս։ Հեքիաթը չէ, որ լաւ կը յօրինէ։ Թուրքերը դարերով հաւատաքննութիւն գործադրեցին իրենց արգելարաններուն մէջ։ Մարդկային կեանքը այնքան քիչ գնահատուած երկրի մը մէջ, որպիսին թուրքերունը, ձեզի կը ձգեմ դատել չափը անգթութեան, որ ծախսուեցաւ այդ խոռոչներուն ծոցը ծուարած հոգիներուն վրայ։ Անկէ զատ տանջանքի զգայարանքը, զայն տալու գեղձերը կարգ մը ժողովուրդներու մօտ զարգացած են շատ։ Ու թուրքը գլխաւորն է անոնց։ Մորթելու մէջ չյոգնիլը մկանային մարզանք ըլլալուն չափ, հոգեկան ալ մխում է։

Նախագաւիթին քովն ի վար, նրբանցքնե՛ր, կամարակապ, ինչպէս կը թելադրէին պատերը դէպի վեր՝ կորացող, բայց գմբէթէն փոխուած։ Նեղ, այդ անցքերը քսան քայլ անդին ու ասդին կը վերածուէին ոստիկանական սենեակներու, դիւաններու։ Կուսակալութեան քաղաքապահ ուժերը հոդ ունէին իրենց դաշտային ու գիւղային սպասարկութեան պաշտօնատեղիները։ Սալարկը, բաղնիքին ոճը, տանիքին փորուած փոքր լուսամուտները կը նպաստէին, որ այդ անցքերը նորամուտին եւ այդ տեղերու անծանօթ զբօսաշրջիկի միտքին վերածուէին միջնադարեան գետնուղիներու` յանցաւորները ողջ-ողջ գետնին ընդերքը առաջնորդող, ուր անոնց պիտի մնար մեռնելէ առաջ մահը ապրիլ։ Ասկէ զատ պէտք է նկատի առնել թուրքերուն մօտ բացառիկ շեշտումով ուշագրաւ այն պաշտօնականութիւնը, որ պատժելու, ծեծելու, մորթելու քիչ մարդկային վարժութիւնները կը տարազէ ապշեցուցիչ բնականութեամբ։ Այն ժողովուրդն է ասիկա, որ կրցաւ պարզ մնալ, մեր բնաջնջումը իբր յղացք, յետոյ՝ որոշում, յետոյ՝ իրողութիւն ընդունելէ ետքը։ Ու հազարաւոր գեղերու, քաղաքներու մէջ, տասն անգամ տասը հազար գլուխները այդ ծրագիրը եւ մեր միամտութիւնը քով քովի դրին ու չճաթեցան իրենց խղճմտանքներէն։ Բացառիկ օրերու հոգեբանութեան մը արդիւնքը չէ այս սառնութիւնը խորհրդապահութիւնը։ Անոնք, իրենց ամէնէն խաղաղ պահերուն անգամ, քրիստոնեան պատուհասելու առիթին առջեւ կը դառնան խորհրդաւոր արարածներ, թաքնամիտ ու նենգ։ Հեքիաթը կ’ուզէր, որ այդ անցքերէն անդին ոճրագործները, բանտարկեալները մոռցուէին ո՛չ թէ բանտէն, այլ՝ վերի Աստուծմէն։ Միշտ այդ հեքիաթին պնդումովն էր, որ այդ վարի աշխարհին մէջ տիրակալ էր ծեծը, որ պարզ, ամբողջ անսանձ, անվերապահ, որ կրնար վերջանալ մահուամբ, իբր բնական յանգում, կամ նուաղումով, երբ կարիք կար քրքրելու բանտարկեալին ջիղերը` անոնցմէ կորզելու համար գաղտնիքը, յաճախ անգոյ, խենթի մը ուղեղին մէջ սահմանաւորուած ու բռնի փոխադրուած կալանաւորին ուղեղին։ Հոդ, այդ խորութեանց մէջ ծեծը անասնական ալ չէր։ Մարդկայինէն դուրս, վասնզի չէր վախնար ականջէ ու աչքէ։ Ու տանջանքը, բոլոր ուժովներուն սիրական ժամանցը, երբ մարդիկ չունէին թատրոններն ու զուարճութեան միւս կերպերը։ Խաղաղ ու բացարձակ տանջա՜նքը։ Պնդողներ կային, որ ձայնը, մէջէ մէջ տանող անցքերն ի վար, կը խղդուէր ինքն իրմէ, ելքի գետին չունեցող ալիքի մը նման, դառնալով ինք իր վրայ, ու ջուրի երեսին համակեդրոն շրջանակներու նման աճելով ու աճելով իր իսկ ցոլացումէն։ Միշտ այդ հեքիաթին համաձայն, կու գար կէտ մը, ուր կը դադրէին պատերը` հատնելով խոռոչներու գանկին մէջ։ Խոռոչներ՝ նման ապառաժի մէջ փորուած դուռերու։ Տեսնո՞ղ։ Հարկ չկայ շատ տեսնելու` հաւատալու համար ամէնէն յիմար յօրինումներուն։ Ո՞վ է տեսեր թուրքին ազնուութիւնը, երբ նստած Եւրոպա, իր դահլիճին ապահով գեղեցկութեանը մէջ կը նկարագրէ անոր, միշտ այդ թուրքին բարեկրթութիւնը, պարզութիւնը, հիւրասիրութիւնը` յաճախուած որեւէ զգայական հրապոյրներէ, կամ կաշառուած՝ դեղին վայելքներէն։

Ո՞վ է տեսեր թուրքին անգթութիւնը բոլոր այն մեծ-մեծ նաւապետներէն, որոնք ապահով իրենց զրահաւորներէն դիտեցին քարափներու ողջակէզները, խաղաղ ու քիչ մը էսթէթիք զգացումներով ու լռեցին աշխարհին ինչ որ այդ պատկերը իրենց քունին մղձաւանջ արժեց, աւելի վերջը։ Ասիկա՝ փակագծիկ մը։ Իրաւը այն է, որ Արեւելքի մէջ կեանքը կը ձեւուի կնիքովը չտեսնուած բաներուն։ Թուրքը չի բաւեր տեսնել։ Պէտք է զայն զգալ։ Ու ատոր համար պարզ է ճամբան։ Գերութիւնը։ Եւրոպական երկու մեծ ազգերէն (Անգլիա եւ Ֆրանսա) բաւական թշուառականներ զգացին ատիկա Իրաք ու Կիլիկիա։ Անոնք պարտաւոր էին իրենց յուշերը գրելու։ Այն ատեն աշխարհ կը հասկնար հայկական ողբերգութիւնը։