***
Պրուսայի
բանտերը
ընդարձակ
են,
գիւղակի
մը
չափ։
Կուսակալութեան
տարածութիւնը
պատճառ
է,
որ
ոճիրը
կատարուի
անոր
հողերուն
վրայ
բացառիկ
առատութեամբ։
Պոլսէն
եւ
Իզմիրէն
յետոյ,
ուր
կիները
զսպանակներն
են
թափուած
արիւններու
մեծագոյն
տոկոսին,
Պրուսան
կը
համրէ
ամէնէն
շատ
մեղաւորները
նոյն
աղբիւրով։
Անոր
բանտերը
օժտուած
են
յատուկ
կազմակերպութեամբ,
որ
արդիւնք
է
զբօսաշրջիկներէ
շատ
այցուած
ըլլալու
իր
հանգամանքին։
Ո
ւ
այդ
բանտերուն
մարմնով
ալ,
աստիճանով
ալ
մեծ
վերատեսուչը,
ամէն
գիշերուան
պէս,
անցաւ
առանց
տեսնելու
կիսակամարի
մը
ստինքէն
կախ
գրեթէ
կոյր
լապտերը։
Սուր,
քառանիստ
երեսներէն
ապակիները
սեւցեր
էին
կէսէն
վեր։
Ու
բանտուած
լամբիկը
հազիւ
կը
յաջողէր
իր
կարմիր
կտուցիկը
միային
ազատել
սեւ
շաղախէն,
լոյսի
փոխարէն
պղտոր
տառապանք
մը
դերելով
ու
կը
նմանէր
ատրճանակի
մը
փամփուշտին։
Քոմանտան
փաշան
չտեսաւ
այդ
խաւարած
լոյսը։
Օրէնքը,
որուն
անունն
ու
պատկառանքը,
ամէն
րոպէ
պտոյտ
կ’ընեն
դիւանէ
դիւան,
ու
նահանգէ
նահանգ,
բայց
զոր
կը
խաբեն
այնքան
լրբութեամբ,
այդ
օրէնքը,
յատուկ
պաշտօնեայով,
բանտգիւղակին
բոլոր
լապտերները
քննութենէ
կ’անցընէր
ամէն
օր,
ինչպէս
ամսականաւոր
ուրիշներ
ամէն
օր
կը
ճշդէին
թիւը
կալանաւորներուն։
Լապտերները,
որպէսզի
ամէն
գիշեր
իրենց
պարէնը
ունենային,
ենթակայ
էին
փաշային
մարդոց
մանրակրկիտ
զննութեան։
Փաշան
ամէն
օր
կը
վաւերացնէր
գործածուած
ձէթին
ու
քարիւղին
հաշուեցոյցները,
խղճամիտ
ստուգումներէ
ետք։
Անկաշառ,
որովհետեւ
հարուստ,
լուցկի
ն
երն
իսկ
մանրախոյզ
ճշդութեամբ,
տուփերով
համրելու
աստիճան՝
անիկա
կը
տեսնէր
փոքր
զեղծումները,
անփութութեամբ
չմարուած
կտուցի
մը
սպասը,
թափուած
իւղը,
որուն
հետքը
դիւրաւ
չի
ծածկուիր,
բայց
կը
մոռնար
եռակնիք
կղպել
մեծ
մթերանոցը,
որ
իր
մեծութեան
հպատակելով՝
բարձրաքանակ
կը
թեթեւնար
իր
իսկ
քիթին
տակ,
նոյն
այդ
սպասարկուներուն
հաւատարիմ
աչալրջութեամբը։
Անշուշտ
վերատեսուչ
փաշան
վեր
էր
կեղծիքէն
ու
նենգութենէն։
Անիկա
կը
կատղէր
փոքր
իսկ
մսխումէն,
մա՛նաւանդ
պետական
գանձէն,
որուն
պայծառութեան
ծառայած
էր
իր
գերդաստանը
դարաւոր
վաստակով։
Զեղծումը
կը
դատապարտէր
յանուն
այդ
նախնիքներուն,
որոնք
սա
քաղաքին
բազմահարիւր
տարիներուն
մէջը
ապրեր
էին
ուղղահաւատ
ու
անստգիւտ
կենցաղով։
Գերմանիա
ըրած
վերատեսուչը
անշուշտ
զոհած
էր
իր
հաւատքը,
բայց
պահած
ասով
լաստակերտ
յարդարանքը,
որով
ընկերութեան
մը
դիմագիծը
կը
մնայ
ամբողջ։
Ու
չէր
տեսներ
մուխէն,
իսէն
կլլուած
լապտերին
նման,
խոշոր
գողութիւնները,
քանի
որ
իր
գրագիրները,
հաշուակալները
մուտքին
ու
ելքին
կշիռին
մէջ
պակաս
չըրին
փրկարար
հակուղիղը,
որ
գումարները
կը
հաւասարակշռէ։
Քոմանտան
փաշան
–
անոր
անունը
խղդուած
էր
տիտղոսին
մէջ
–
մեծկակ
իր
գաւազանին
վրայ
կոխելէն
յառաջացաւ։
Անոր
քայլերը
կը
հնչէին
երկաթ
իրենց
սմբակներով,
սալերէն։
Ու
անոր
հեւուն
շնչառութիւնը
կը
յաղթէր
ճօճուն
անոր
մարմինին
բազմազան
հեծքերուն։
Գիշերասկիզբի
քննութի՛ւն։
Որ,
շրջանակ
առ
շրջանակ
պիտի
տարուէր
առաջ`
կազմելու
համար
անվախճան
հատորները
անոր
յուշերուն,
տարիներէ
ի
վեր
կանոնաւոր
խմբագրութեամբ։
Գերման
դասախօսի
մը
խնդրանքով
սկսուած
այս
աշխատանքը,
կը
շարունակուէր
դասախօսին
մահէն
վերջն
ալ։
Ոճրային
հոգեբանութեան
նուիրուած
իր
հետազօտութեանց
համար
փաշային
–
երբ
ուսանող
էր
–
ուսուցիչը
չէր
գոհացած
արեւմտեան
տիպարներով։
Ու
փաշան
պրակ-պրակ
նոթ
ու
կենսագրութիւն
կը
ճարէր
բանտ
ինկող
ամէն
շահեկան
անասունէ։
Մեքենական
այս
աշխատանքը
ի
վերջոյ
խօսած
էր
անոր։
Ու
գիտունի
հանդարտութեամբ,
կապանքի
տակ
կեանքին
պատկերները
անիկա
կը
նոթէր,
առաջ՝
գրագիրներուն,
հիմա՝
ինքը
իրեն,
երբեմն
ալ՝
աղջկանը։
Մոխիրնոցին
վանդակ-դուռը
ամէն
անգամուան
պէս
կեցուց
զինքը։
Փնտռա՞ծը,
հոն։
Դուք
գիտէք
հոգեբան-փորձարկուն։
Բայց
չէք
գիտեր
միւսը,
այդ
հարիւր
օխանոց
զանգուածին
մէջ,
որ
տակաւին
կը
մնար
անեղծ։
Ատիկա
պատանութիւնն
էր
անոր։
Անիկա
կու
գար
հոս`
վերագտնելու
համար
այն
քանի
մը
սուր
զգայութիւնները,
որոնք,
հօրենական
ապարանքէն,
նման
կամարներով,
բիւրեղացած
էին
անոր
մէջ։
Մենք,
երբ
մեր
ջիղերուն
ամէնօրեայ
առատ
երազում
չենք
ճարեր,
հարկին
տակն
ենք
մեր
անցեալէն
վերբերել
անոնց
աղօնքը։
Ոճիրներ
պատմող
փաշան,
որուն
մէջ
սեռային
բնազդը
գրեթէ
խուլցած
էր
հիմա,
իր
անցեալը
ոգեկոչելու
տրտմութիւնը՝
կը
փոխարինէր
սա
մռայլ
պատկերներով։
Անկողինէն
փախչելու
գիտութի՞ւն
մը։
Ո՜վ
ինչ
կ’իմանայ
փարթամ
այդ
փաշաներուն
ներքին
թախիծներէն։
Հասուն
տարիքի
մէջ
ծերութիւն
մը
կրելը
փոքր
տառապանք
մը
չէ,
երբ
վայելքին
բոլոր
միւս
ծորակները
բացուած
են
լիառատ
ու
հիմնականը
կուրցած։
Անոր
աչքը,
առաջին
թարթումին,
մոխիրնոցէն
ներս,
առաւ
կիսածուփ
անգայտութիւնը,
որ
օդ
չէ՝
որքան
չէ
մշուշը,
բաղնիքի
աւազաններուն
վերեւ,
շրջուած
բաժակի
մը
կտրուածքովը։
Այդ
մշուշին
մէջ,
լապտերները։
Փաշային
նորութիւնն
էր
–
ինչո՞ւ
չէր
ըսեր
նահանջը
–
ատենէ
մը
ի
վեր
ընդհանրացած
քարիւղը
տարագրել
բանտերէն`
փոխարինելով
օտարը
տեղականով՝
ձէթով։
Այս
կարգադրութեամբ
կը
շահէր
գանձը՝
ինչպէս
ազգային
ճարտարարուեստը։
Մնաց
որ,
այս
չորքոտանիները
անարժան
ալ
էին
վայելել
լոյսը,
որ
դեռ
անծանօթ
էր
անոնցմէ
շատին
գեղերէն
ներս։
Բանտարկեալներէն
կարեւոր
մաս
մը
ոտքի։
Ուրկէ՞
գիտէին,
բոլորովին
նորերն
ալ,
այս
այցելութեան
կապուած
թաքուն
վայելքը։
Ի՜նչ
խուլ
հեշտանքով,
անոնց
խենթեցած
աչքերը
կը
սպասէին
պատկերին,
անհաւատալի՝
որքան
իրաւ,
պալատական
երկու
հանըմի,
որոնք
իրենց
իմաստին
վրայ
աւելցուցած
էին
այդ
օրերուն
իրական
հրաշքը,
–
սաւանէն
ազա՜տ,
չունենալով
իշխանուհիներուն
հետեւորդ
արաբը,
ներքինին՝
որ
արտօնուած
էր
մտրակով
վազցնելու
լոյսը
հանըմներուն
դէտ
ամէն
աչքի։
Վերատեսուչ
փաշային
ահը
չէր
կրնար
արգիլել
սա
վիզերը,
հակելէ
առաջ,
ձեւի՜ն
ծարաւի
անոր
կնոջն
ու
աղջկան,
ինչպէս
չէր
կրնար
խանգարել
լայն
թարթափանքը
անոնց
միտքին,
որ
կը
սփոփէր
անոր
ընկերացող
ձեւերը,
թռչունի
զիստ
կրծող
գինովներու
հեշտութեամբ։
Պատմութի՛ւն,
անոնց
անցքէն
յետոյ
կիներուն
կաղապարը,
մորթին
գոյնը,
ու
տարօրէն
գիտուն,
ջուրոտ
երկրաչափութիւնը
անոնց
մարմնամասերուն։
Քոմանտան
փաշան
բանտարկեալները
չորքոտանի
կ’որակէր`
առանց
տեղեակ
ըլլալու
անոնց
սա
շատ
մասնաւոր
ախորժակներէն։
Գերման
դասախօսին
թեզն
էր,
անոնց
անասնութիւնը
փաստել,
երեք
չորրորդով։
Ուրիշներ,
բոլորովին
նորեր,
որոնք
հազիւ
թէ
լսած
էին
այցելութեան
հեքիաթը
ու
թերահաւատ,
իրենց
ծրարները
ըրած
բարձ՝
երկարեր
էին
պարզուկ
քարերուն,
իբր
թէ
ատիկա
ըլլար
հանգիստը,
բնական
ձեւէն։
Կային՝
որ
ալիւրի
պարկով
մը
միայն
կը
զատուէին
քարին
մարմինէն։
Քո՞ւն,
սա
մարդիկը,
կրունկները
ետ,
դէպի
յետոյքը
կոխած,
այդքան
կանուխ,
երբ
դուրսի
աշխարհին
կեանքը
կը
յամենար։
Չարթնցուցին
սակայն
զանոնք։
Վայելքի
մէջ,
մա՛նաւանդ
աչքէ,
կծծի
կ’ըլլանք։
Քոմանտան
փաշան,
հաւատարիմ
իր
մեթոտին,
կեցաւ
ուշադիր։
Անոր
անփոփոխ
եղանակն
էր,
կիսամութ
այդ
ձեւերուն
վրայ,
պահել
երկար
իր
նայուածքը։
Հոգեբանութիւնը
տղոց
ձանձրոյթին
համար
ստեղծուած
գիտութիւն
մը
չէ։
Գերմանները
զայն
թուրքերուն
աւանդած
ատեն
իրապաշտ
նպատակներ
ալ
կը
հանդերձեն
անոնց
ապագայ
ձեռնարկներուն
նպաստող։
Կան՝
որ
երազներու
հաւաքումը
կը
յանձնարարեն
ջերմապէս,
անոնց
courbeերէն
հանելու
համար
նկարագիրներ։
Կան՝
որ
ոճրագործներուն
առաջին
օրերը
մանրամասն
կը
նոթագրեն,
անոնց
մէջ
հաստատելու
համար
արդարութեան
մարդոց
անմատոյց
օրէնքներ։
Ըստ
այդ
ցուցմունքներուն,
քոմանտան
փաշան
դիտած
էր
արժէքը
այդ
հայեցողական
վարկածներուն։
Անվրէպ՝
անիկա
աչքէ
կ’անցընէր
քունը
սա
նորեկներուն,
որոնք
իրենց
«հիւրութեան»
անդրանիկ
գիշերը
սովոր
էին
անցընել
անծակ,
այսինքն՝
առանց
թարթիչ
գոցելու։
Յաջորդին,
պարտասուն,
դիմանալու
անկարող,
առջի
ստուերներուն
հետ,
անոնք
պիտի
կործանէին
իրենց
զրահուած
պրկումէն,
լուծուելու
համար
սա
արտայայտիչ
–
ըստ
փաշային
–
թմբիրին
խորը,
որուն
այնքան
կարիք
ունէր,
քառսունութ
ժամէ
ի
վեր
լարուած,
տանջուած
անոնց
ջղացանցը։
Ոճիրը,
մա՛նաւանդ
պզտիկը,
մեր
վարժանքներէն
իր
ստեղծած
խանգարումներով,
մեզ
կը
նեղէ
կրկնապէս։
Իրենց
տունին
ընտանութեանց
կապուած
կանոնաւոր
քաղքենիները,
այդ
աշխարհին
մէջ
սայթաքելէ
յետոյ,
ամէն
րոպէ
նիւթ
պիտի
ճարեն
իրենց
տառապանքը
սրող։
Կորսնցուցած
հանգիստի
զգայութիւնները`
անոնք
պիտի
աճեցնեն
եղերական
խտութեանց
ու
սա
առժամեայ
ընդհատն
իսկ
անոնց
ողբան
պիտի`
ըլլալով
տղայ,
փնտռելով
օրուան
առաւօտը։
Ճաշին
ժամը,
կերակուրին
թափառական
հոտերը,
պատահմամբ
խոհանոցէն
դուրս
փախչելով,
լուացուիլը,
մուճակին
կամ
հողաթափին
կակուղիկ
զգայութիւնները,
սենեակին
անկիւնը,
թիկնատարած
բազմիլը,
մուխը
կամ
սուրճը
ա՛լ
պարզ
բաներ
չեն,
իրենց
անայլայլ
յաջորդութեամբը
հոգիի
մեքենականութիւն
մը
կերպադրող,
այլ՝
մեծ,
կարօտակէզ
զրկանքներ։
Պզտիկ
այս
թուումը
հասկանալի
կ’ընէ
ուրիշ
գիծէ
զգայութեանց
մուտքը
կրկէս,
իբրեւ
զաւակ,
կին,
նշանած,
սիրուհի
կը
բռնանան
մեր
վրայ։
Այս
ամէնը,
առանձին-առանձին,
կապար-կապար
կը
հիւսուին
մեր
թարթիչներուն,
բայց
չեն
կրնար
կապել
անոնք
իրարու։
Ու
կը
լուսցնենք,
մշտապէս
այրուած
մեր
անմիջական
երէկէն,
որ
դեռ
ատեն
ալ
չէ
ճարած
յուշ
իսկ
ըլլալու։
Ու
կը
սկսինք
մեր
բանտին
երկրորդ
օրը,
նոյնքան
ջախջախուած։
Լոյսը,
անոր
բերած
քիչիկ
մը
փոփոխուն
պատկերները
պիտի
աշխատին
մեր
ջիղերուն
վրայ
տակաւին
տասը-տասնհինգ
ժամ,
մինչեւ
որ
թմբիրը
գայ
ասոնք
լքելու
իրենցմէ։
Հանգի՞ստ։
Չէ
ասիկա,
այլ՝
զինաթափում
մը,
աւելի
ուղիղ՝
ջղաթափում
մը։
Պահակը՝
զինուորական
բարեւի
իր
արձանացման
մէջ։
Ոստիկանական
դիւանէն
գիշերուան
սպասին
պատասխանատու
սպա՛ն՝
որ
նոյնքան
յարգանքով
մօտեցաւ
անոր,
ձեռքին
թուղթ։
Մոխիրնոց
գիշերողներուն
լրիւ
ցուցակը։
Անայլայլ
այս
ներկայացումը,
ամէն
գիշերամուտին։
Քոմանտան
փաշան,
աչքերը
գառագեղին,
մտիկ
ըրաւ
նաեւ
բերանացի
բացատրութիւնը
հերթապահ
սպային։
Ձէթին
մուխը
կամարին
ներքեւ
բաղնեմշուշ
էր
դիզած,
հաստ,
գրեթէ
սեւ,
որ
շերտ-շերտ,
սիւն-սիւն
ոլորքներով
կը
ծփար
դանդաղ,
յուզուելով,
տրորուելով,
վարէն
վեր
ճամբորդ
ծխախոտ
ծուխին
ծուռիկ-մուռիկ
ասեղներէն
կամ
աղեղներէն։
Այս
պատկերը
դառնագոյն
իր
համովը
վերատեսուչ
փաշային
հոգին
կ’ողողէր։
Իր
հօրենական
պալատին
մէջ
անոր
պատանութիւնը
եղեր
էր
այս
պատկերներուն
հետ։
Իր
ձեռքով
նորոգուած
հիմակուան
պարզ,
ճաշակաւոր
բաղնիքին
փոխարէն,
այն
ատեն
այդ
պալատին
մէկ
խորշը
ատ
ոճով
կառոյց
մը,
ուս
ուսի
պատերու
վրայ
կորաքամակ
կամարով,
որուն
ներքեւ
կլոր
աւազան
մը
մութ
ալապաստրէ
բանի
մը
նման
կը
սեւնար։
Այդ
աւազանին
կապուած
անոր
դառնագոյն
զգայութիւննե՜րը։
Յիշատակին
նկարագիրը
աղօտիլն
է։
Բայց
ոչ
ամէն
տեսակի
համար։
Կան՝
որ
տարիքին
հետ
կը
խորանան։
Ու
մեզ
կը
տանջեն։
Մոխիրնոցին
կանթեղները,
նման
այն
աղտոտ
թիթեղեայ
ամաններուն,
որոնք
կէս
դար
առաջ
լուսաւորութեան
բոյներ
էին,
նոյնիսկ
ամէնէն
հարուստ
բնակարաններէն
ներս։
Ամէն
կանթեղի
անմիջական
շրջապատին
պար
էին
մտեր
կիսակարմիր
ծուէններ,
թրթռուն,
աճապարոտ,
քիչ
մը
ճարճատուն,
այլ
երբեմն,
խօսելով
մռայլ
բան
մը
դիտողին
հոգին
ի
վար։
Տխո՛ւր,
սե՛ւ,
թշուա՜ռ,
ա՛յնքան
կ’ըլլար,
ո՛րքան
էր
եղած
այժմու
փարթամ
պաշտօնատարին
հոգին
ալ,
հեռաւոր
այդ
պատանութեան
շրջանին
գերի՝
սեւ
ու
ճերմակ
կիրքերու։
Ու
տխուր
նորէն,
ինքն
իր
պոչին
պտուտքող
սա
ամպիկը,
զոր
զանազան
կէտերէ,
վէրքի
նման
կ’արիւնոտէին
ձէթին
լեզուակները,
կէս-կոյր
աչքերու
նման,
որոնց
մաս
մը
փտած
է
պտուղը։
Մարդկային
դառնութի՛ւնը՝
աղտոտ
այդ
կանթեղներու
ամբողջ
հասակին,
քանի
որ
ունէին
պաղիլ
կամ
հեծեծել,
երբեմն
սեւ-սեւ
մխալ։
Վերատեսուչ
փաշան
այն
հոտած
պատկերին
դիմաց
միշտ
պատանի
չէր,
ինքիրմով
աղտահար
ու
տառապող,
այլեւ
բնագիտութեան
պատուակալ
ուսուցիչ,
զինուորական
վարժարանին
մէջ,
որուն
նախապատրաստական
դասարանին,
ամէն
տարի,
ֆիզիքի
առաջին
դասը
կ’ընէր
այդպէս
կանթեղով
մը`
դրան
սեմին
ու
գագաթին
բռնելով
անոր
բոցը,
դասական
ու
հոյակապ
պարզութեամբ
մը
տաք
ու
պաղ
օրերու
տարբերութիւնը
«փորձնապէս»
ապացուցելով։
Այս
գիծով,
տարի
մը
դէպի
իր
պաշտօնը։
Ակնարկ,
սպայէն
մատուցուած
թիւին։
Ստուգում
գիշերային
բանաձեւին։
Տուաւ
կրակի
հրաման`
փորձելու
համար
պահակին
մաուզէրը։
Կեցուց
զայն
բլթակի
շարժումին
ու
դարձաւ
ետին։
Անոր
կինն
ու
աղջիկը,
չորս-հինգ
քայլ
բացօք,
աչքի
տակ
ունէին
գառագեղէն
ներս
պատկերը։
Ցուրտ
մը
թէեւ
թեթեւ,
բայց
արագ-արագ
հաստըցող։
Պարզկայ
երկինքը
ու
ձիւնապատ
Ողիմպոսը
զգալի
էին
սա
խոնաւ
ու
թանձր
կառոյցներուն
վրայ
աւելի
հոծ
ուժգնութեամբ։
Վերատեսուչ
փաշան
կոխեց
կոճակի
մը,
ձեռքի
ելեկտրական
լամբիկէն։
Այդ
օրերուն,
մենաշնորհ
նորութիւն
մը
այդ
լապտերը,
զոր
արտօնուած
էին
գործածել
զինուորականներէն՝
սպաները,
քաղաքային
պաշտօնեաներէն՝
աւագները
ու
թիկնաւորները։
Մայրաքաղաքին
մէջ
ելեկտրական
սպասարկութիւնը
արգիլող
սարսափը
(վեհապետը
կը
հաւատար
ժուռնալով
իրեն
մատուցուած
եղջերուաքաղին)
կը
մեղմանար
անկէ
դուրս,
Պոլսէն
հեռաւորութեան
չափով։
Հոդ,
կը
տիրէր
թեթեւ
խստութիւն։
Ուրիշ
մարդոց
մօտ
այդ
լապտերին
գոյութիւնը
բաւ
էր՝
առաջնորդելու
այդ
ամբարիշտները
պատերազմական
ատեան։
Մշտապատրաստ
մարմին,
արագ
ու
վճռական,
որ
կը
քննէր
մեղադրելիները,
կը
վերլուծէր
ենթադրական
ոճիրի
անհերքելի,
փաստուած
զսպանակները
ու
կու
տար
իր
վճիռը։
Այդպէս
դատապարտուած
դժբախտներուն
վերագրելով
մեծատաղանդ
ծրագիրներ,
Թուրքիոյ
հողային
ամբողջութեան,
առնուազն
վեհապետին
անձին
դէմ
եղեռնածիր
դաւադրութեան
մեղքերով։
Հայերուն
ու
պուլկարներուն
համար,
որոնք
քոմիթաճիութիւնը
իրենց
ասպարէզ
էին
ընտրած,
ելեկտրական
լամբար
մը
յաճախ
կախաղան
կը
պահանջէր
իբր
պատիժ։
Կոճակին
չոր
աղմուկին
հետ,
լոյսի
մեծկակ
ժայթք
մը
փռուեցաւ
մէկէն,
կիսախաւարին
ներսը։
Վրձնաձեւ
լարուած
այդ
ոստայնին
մէջ
դէմքերը
եղան
տարօրէն
դեղին,
մարմրուն
ու
հոսուն։
Քոմանտան
փաշան
լոյսի
այդ
խաղը
դիտած
էր
միշտ
մեծ
ուշադրութեամբ,
ու
զայն
նիւթ
ըրած
գիտական
վերլուծման։
Գերմանիա
անիկա
սորված
էր
«ուսումնասիրական
մոլութիւնը»։
Ունէր
շատ
մը
սկսուած
թեզեր,
որոնցմէ
մէկը՝
Լոյսին
վրայ։
Կէօթէին
նմանելու
համար
այս
ընտրութիւնը
բան
մը
կ’ապացուցանէր
անշուշտ։
Քանի
տարի
կայ,
պայրամներուն՝
անիկա
ձեռք
կ’առնէր
տետրակը,
կրկին
մաքուրի
քաշելու
ու
կը
ծրագրէր
կայսեր
գնահատումին
ենթարկել,
կնոջը
միջնորդութեամբ,
քանի
որ
վեհապետը
պսակաւոր
էր
աշխարհին
բոլոր
ուսումներով,
ինչպէս
կը
վկայէին
էլիֆպաներէն
սկսեալ,
քիմիայի
հաստ
դասագիրքերը,
իրենց
երանելի
յառաջաբան-մատուցումներուն
մէջ`
դիզելով
այդ
չքնաղագիւտ
ու
աստուածիմաստ
ինքնակալին
փառքին՝
դափնիները
բոլոր
ակադեմիաներուն։
Օ՜,
գաւառի
փաշաներուն
երջանիկ
գիտութիւնը՝
ինչպէս
գերմանական
համալսարան
հոլոված
կովերու
յաւակնոտ,
յիմար
տգիտութիւնը,
ուսուցման
ասպարէզէն։
Քոմանտան
փաշան,
օր
մը
խմբագրուելիք
այդ
յիշատակարան-ուսումնասիրութեան
հետ,
կը
տեսնէ՞ր
նաեւ
այդ
դեղնաւուն
դիմակներուն
վրայ,
ան
միւս
իմաստութիւնը,
որ
մեր
երեսին
բաբախումն
է
մեղքէն
վեր
բանի
մը։
Որ
խղճահարութիւնը
չըլլալով
հանդերձ,
մեղքէն
պժգանքը
չըլլալով
հանդերձ,
մեզ
կ’ընէ
արգահատելի
մեզի
դէմ։
Ի՞նչ
է
այն
անունը
պատկերին,
որ
կը
փռուի
բանտի
մը
ներսէն,
բայց
չ’իյնար,
դուրս։
Մեր
տեսածը,
մարդե՞ր,
թէ
անոնց
նկարները։
Տառապա՞նք,
թէ
այդ
տեսակ
բանի
մը
ի
սպառ
հերքումը։
Ո՞ւր
զետեղել
տարբերութիւնը,
որով
կը
զատուի
պատերով
կուղպ
տառապանքը
բաց
աշխարհով
մատուցուածէն։
Մե՞նք
ենք
յոգնողը,
թէ
ներսի
այդ
կալանաւոր
թշուառութիւններուն
ճնշումն
է
մեզ
նուաճողը,
երբ
փոխանակ
մէկի
տասը,
քսան
աչքերէ
նոյն
տրտմութիւնը
մեզ
կը
նիզակէ։
Ինչո՞ւ
այսպէս
զգալ։
…
Սա
խոռոչներուն
մէջ
մարդկային
դէմքը,
առանձինն,
գուցէ
կ’արժէ
այնքան
քիչ,
որքան
համազգեստ
մը՝
ճակատամարտի
դաշտին։
Բանտին
հեղանուտը
ընդարձակ
խաղացքի
կը
նմանի։
Հոն
ինկողները
վրայ
կու
տան
ամէնէն
առաջ
մանր
կնիքը
իրենց
անհատականութիւններուն։
Անձնականութիւնը
կ’ատենք։
Հաւաքական
տառապանքը
մեզ
կը
յուզէ
կրկնապէս։
Քոմանտան
փաշաները
պիտի
չխռովին,
վասնզի
այդ
տառապանքը
խմորն
իսկ
է
իրենց
դիրքերուն
հաստախարիսխ
գոյութեան։
Լոյսը
քալեց։
Ու
քալեց
աննպատակ։
Ինկան
ուրիշներ
անոր
քանակին։
Հիմա,
սիրամարգի
պոչին
պէս
հովահար
մըն
էր
այդ
պայծառութիւնը։
Անոր
մէջ
մարդե՞րը։
Զօրեղապէս
գունաւորուած՝
անոնք
ինչո՞վ
կը
շահագրգռէին
կիները։
Պզտիկը,
հօրը
հաստ
շուքին
մէջ,
վախով
կը
հետեւէր
սա
բուսնող,
ընկղմող
կոհակներուն,
որոնց
իւրաքանչիւրը
ծրար-ծրար
տրտմութիւն
ու
ցաւ
կը
կրէր
անշուշտ
իր
միսերուն
ներքեւ։
Աղջկան
միտքը
խուլ
ու
զզուախառն
հաճոյքով
կը
կարծէր
տեսնել
նաեւ
անոնց
մէջ
կծիկ
եղած
մռայլ
այն
բանը,
որ
իր
զսպանակներէն
առժամաբար
լքուած
կիրքն
էր
անոնց։
Պայմաններուն
ընկալչութիւնը
անհուն
է
այդ
շրջանին։
Անոնք
մութ
ու
աղօտ
զգայութիւններու
իրենց
փնտռտուքին
մէջ
կանգ
չեն
առներ
պղտոր
բաներու
առջեւ։
Ու
այդ
զգայութիւնները
կանոնաւորող
զսպանակներուն
թերակազմ
խաղը
յաճախ
անզօր
է
զսպելու
զանոնք։
Երիտասարդը
այդ
շրջանէն
կաղապարուած
միսն
է
յաճախ։
Ու
մեր
դժբախտութիւնները
կը
դարբնենք
տասնհինգի
դուռներէն։
Գեղացիներուն
հոգեկան
առողջութիւնը
անլուծելի
պիտի
ըլլար,
առանց
այն
պայծառ
դաշտանկարին,
որ
անոնց
մարմինն
ու
միտքը
կը
շինէ
նոյն
օրէնքներով։
Քոմանտան
փաշային
աղջիկը
կը
տեսնէ՞ր
այդ
գլուխները,
արագ
այդ
ուրուացման
մէջ
իրենց
մեղքերով
պսակաւոր,
գրական
տարազով
մը՝
գարգմանակուած։
Ու
կը
լսէ՞ր
այն
խուլ,
բութ,
սարսափելի
ախորժակները,
որոնք
այդ
գանկերուն
տակ,
ուղեղին
կակուղ
ակօսներէն,
աճեր
էին
այդպէս,
օրին
մէկը,
ջախջախելու
չափ
ոսկորէ
տուփը,
առնուազն
ջիղերուն
լարուած
նուագարանը,
երեւան
բերելով
այդ
բզկտումին
մէջէն
անասո՜ւնը։
Պզտիկ
աղջիկ՝
անիկա
չէր
գիտեր,
թէ
ամէն
շեղում
ներքին
այդ
բռնութենէն
ազատումի
եղանակ
մըն
է։
Ու
ոճիրը
իբր
արդիւնք
զզուելի
ըլլալէն
առաջ,
իբր
պատճառ
ողբերգութիւն
է
ահաւոր։
Չմեռնելու
համար
մեռցնողները
կէսէն
աւելին
կը
կազմեն
մարդասպաններուն։
Ու
արիւն
թափողը
միայն
գարշելի
չէ։
Փնտռեցէք
անկէ
առաջը։
Բանտի
մը
պարիսպներէն
ներս
աշխարհ
մը
կը
նստի,
որուն
մէջ,
մեզ
տիրող
օրէնքներն
են,
որ
կը
կառավարեն
դարձեալ,
բայց
իրենց
հակահարուածովը։
Վերատեսուչին
աղջիկը
գիտէր
սակայն,
թէ
մեծ
մասը
սա
մարդերուն
խենթեր
էին։
Ու
անոնց
խենթութիւնը
գինն
էր
կարօտին,
ծարաւին,
իր
նման
մարմիններէն։
Ո՛չ
միայն
խենթեր,
այլեւ՝
դառնակսկիծ
թշուառութիւններ`
զարնուած
շատ
մը
կողմերէ
նոյն
ատեն։
Ունէին,
այդպէս
ժանեթափ,
աւելի
խռովիչ
տրտմութիւն։
Օձին
հեքիաթը
զուր
յօրինում
չէ
Արեւելքի
մէջ։
Լոյսը
կանգ
առաւ,
աւելի
երկար,
Սողոմին
վրայ։
Քոմանտան
փաշան,
Պոլսէն
ազդուած,
ատեն
մը
զայն
ենթարկեր
էր
բացառիկ
հսկողութեան։
Քոմիթան,
ամբոխին
համար
պարզ
պատկեր,
իշխանաւորին
մէջ
չէ
բիւրեղացած։
Զայն
կազմող
միսթիքը
ըմբռնելի
չէ
հեշտ
կեանքի
ու
դիւր
հոգեբանութեան
այն
հերոսներուն,
որ
ամէն
երկիրներու
պաշտօնէութիւնը
կը
յօրինեն։
Սողոմին
ոճիրը,
ատեն
մը,
խոշորցուած,
քաղաքական
գոյնով,
վերջին
քննութեանց
լոյսէն
կը
դառնար
իր
իսկական
իմաստին։
Անկէ
առաջ
բռնուած
զոյգը
զայրացուցած
էր
անոր
գիտունի
անզգածութիւնը։
Ծեծը,
անքնութիւնը,
չարչարանքը
անզօր
էին
մնացած
այդ
յիմարները
հարկադրել
պատմելու
բաներ,
որոնք
թուղթին
վրայ
հաճելի
են
բոլոր
փորձարկուներուն։
Անոնք
պիտի
քաւէին
իրենց
յամառութիւնը
իրենց
գլուխով։
Մինչեւ
այդ,
պէտք
էր
պատահարը
տարազել
վայել
առարկայականութեամբ։
Յիմար
ժուռնալի
մը
հետեւանքով,
պոլսական
ոստիկանութեան
իրարանցումը,
դէպքը
«խորացնելու»
համար
գործածուած
մարդերն
ու
միջոցները
ու
նոր
տեղեկագիրները
բաւական
բան
կը
զեղչէին
ստեղծուած
խռովքէն։
Կուսակալը,
իր
կարգին,
շահագրգռուած
քոմիթաներուն
յայտնութեամբ,
իր
աչալրջութիւնը
փաստեր
էր
ուժգին`
շարժման
դնելով
արդարութեան
եւ
կարգին
բոլոր
միջոցները։
Սողոմին
ձերբակալումը,
սպաննուած
Դելոնին
տղոցը
սաստկագին
հետապնդումը,
այս
փորձանքներու
ակ
ու
աղբիւր
քոմիթաճիներուն
շատոնց
ծակումուտ
իյնալը
յաջողութիւններ
էին
ապահովաբար,
կառավարական
մեքենային
առողջ
գործունէութիւնը
փաստող։
Հայկական
նահանգներուն
համար
քոմիթան
տեղական
պատահար
էր
թուրքերուն
աչքին։
Ոստիկանութիւնը
այդ
մարդոց
հետ
գլուխ
ելլելու
գործը
փաթթած
էր
քուրդերու
վզին։
Ոստիկանական
առաջին
շրջանակին
մէջ,
որ
Մարմարա
ծովուն
շրջասփիւռ
գաւառներով
էր
կազմուած,
անոնց
երեւումը
իրապէս
կը
շահագրգռէր
Պոլիսը։
Այս
մտայնութեան
վերագրելի
է
այս
հարցին
ստացած
ընդարձակութիւնը։
Պոլիսը
անշուշտ
մայրաքաղաքը
ըլլալու
չէր
Հայ
ա
ստանին։
Բայց
քաղաքն
էր
Համիտին,
որ
իր
ապահովութենէն
դուրս
քիչ
բանի
աշխատեցաւ։
Սողոմը,
այս
հարցին
մէջ
առնուած
սկզբնական
տեղեկագիրներուն
ցուցմունքովը,
նկատուած
էր
կարեւոր
գետին,
կազմակերպական
գաղտնիքներու
երակէն,
քանի
որ
Պոլիսը
կը
հ
աւատար
ատոր։
Դրուեցաւ
անիկա
հիւանդանոց,
անշուշտ
քիչ
մը
բախտովի,
կիներու
հանդիպումով։
Բայց
իմաստութիւնը
այդ
պատահմունքն
ալ
շահագործեց։
Տղուն
մատաղութիւնը
ունենալով
նկատի,
ծրագիր
կար
բռնութենէն,
տանջանքէն
առաջ,
կակուղ
միջոցներով
կորզել
անկէ
գաղտնիքներու
ծրարը,
–
զէնքին
ու
պոմպաներուն
պահեստը,
որոնք
այնքան
պայծառ
մանրամասնութեամբ
մատնանշուած
էին
Եըլտըզ
առաքուած
տեղեկագրին
մէջ։
Ցերեկներ
ու
գիշերներ,
Սողոմենց
տղան
տառապեր
էր
ծանրածանր
ցաւերու
խոցտուկին
տակ։
Անոր
վէրքերը,
թաւ
միսի
վրայ,
յոգնութիւն
ու
վախ
կու
տային
անոր
ինքնին
խռովածուփ
հոգիին։
Անիկա
երբեմն
բաց
աչքով
կը
զառանցէր`
նիւթ
ունենալով
պատանութեան
յուզումներ,
աս
ու
ան
հարսէն
ստացուած։
Ու
երգեր՝
զանազան
սիրային
դրուագներ,
ժողովրդական
խազերով
դերուած,
որոնք
անոր
անգիտակցութենէն
կը
բխէին
թմբրային
այդ
պահերուն։
Քաղաքէն
վարձուած
լրտես
մը,
հիւանդապահի
ճերմակ
գոգնոցով,
հաւաքած
էր
այդ
երգերը
ու
թարգմանած
քոմանտան
փաշային։
Անոնց
սիրային
գնացքը
քմծիծաղ
էր
բերած
սեռային
զգայութեանցը
մէջ
ճարպով
խղդուած
պաշտօնատարին։
Ու
այդքան։
Հսկողութիւնը
մնաց
կենդանի
անոր
գլխուն։
Անդին,
գեղին
ու
գազային
մէջ
քննութիւնները
առաջ
կը
տարուէին
«փութոյ
պնդութեամբ»։
Ժամանակին
բերած
թուլացումը
տեղի
չունեցաւ
այս
դէպքին
շուրջը։
Պակաս
թուղթերուն
ամբողջացումը,
քոմիթաճիներուն
թղթածրարին
կեդրոնացումը
մէկ
ձեռքի
մէջ,
ոճրային
հանգոյցը
–
երկու
դիակ
եւ
հրդեհ
–
այս
գործին
տուած
էին
առանձին
շահեկանութիւն,
եթէ
զեղչուէր
ալ
անկէ
քաղաքական
երանգը։
Հիւանդանոցէն
բանտ
դարձուած
պահուն,
զայն
պիտի
դնէին
բացառիկ
խուղ
մը,
գործադրելու
ծանր
ամբաստանութեանց
մէջ
պարտադիր
յարաբերութեանց
խզումը,
ինչպէս
պահանջեր
էր
առաջին
օրէն
հարցաքննիչ
դատաւորը,
ա՛ն՝
որ
ամբաստանեալներուն
նախնական
հարցուփորձերը
կը
վարէ
եւ
տրուած
դէպքին
մեծ
գիծերը
կը
սեւեռէ՝
դատարան
նետելէ
առաջ։
Սկսած
էր
անիկա
իր
դերը,
հիւանդանոցին
մէջ
քանի
մը
ժամ
սարէն-ձորէն
խօսակցութեան
ձեւին
տակ,
որուն
գլխաւոր
մասերը
կ’արձանագրէր
տժգոյն
տղայ
մը`
մազերը
աղջկան
պէս
սանտրած,
երեսը
բշտիկներով
ծածկուած
ու
խորապէս
տխուր։
Հարցաքննիչ
դատաւորը,
դիւրութեան
համար,
այս
ընդարձակ
հարցը
բաժնած
էր
զոյգ
մասերու,
–քոմիթա
եւ
սպանութիւն։
Առաջինը`
կարեւորագո՜յնը,
ահագին
թուղթի
դէզեր
կը
բերէր
տակաւին
թղթածրարին։
Սողոմին
հիւանդանոցի
օրերուն,
քննութիւնները
խորացուած
էին։
Երկու
օտարականներուն
վրայ
գործադրուեր
էին
թրքական
տանջանքին
բոլոր
ոճերը։
Գաւառակին
մէջ
կատարուած
ձերբակալութեանց
վկայութիւնները,
քահանային
ժուռնալի
օրինակը,
ողջմտութիւնը,
կը
հերքէին
խելացի
Դաւիթի
մը
զգայացունց
յօրինումը,
–
Պոլսոյ
վրայ
մեծ
յարձակում
մը,
նման
96ի
Պանքայի
գրաւումին,
բայց
այս
անգամ
վեհապետին
պալատը
ունենալով
նպատակ։
Այս
առասպելին
առթած
իրարանցումը
ամիս
տեւեց։
Քոմիթաճիներուն
ձերբակալումը
չմեղմեց
այդ
խուճապը
անշուշտ,
բայց
Պոլիսը
իր
հազարապետ
փաշային
հաւաստումովը
դատեց
դէպքը
աւելի
հանդարտ։
Ոստիկանութիւնը
դեռ
չէր
որդեգրած
905ի
Եըլտըզի
դէպք
ին
առթիւ
եւրոպական
իմաստով
քննութիւններ
ու
կը
գործէր
թրքական
մեթոտով,
–
մաքրել
ձեռք
անցուածը։
Տանջանքի
մէջ
այդ
մարդոց
լռութիւնը,
անոնց
հետ
յարաբերողներուն
կցկտուր
տեղեկութիւնները
խորապէս
շահագրգռեցին
քոմանտան
փաշան,
որ
իր
օրագիրին
համար
փայլուն
նիւթ
կը
յուսար
քաղել։
Անիկա
խաբուեցաւ
իր
ակնկալութեան
մէջ։
Ստոյգ
բա՛ն
մը,
–
տեղին
ու
մարդոց
անծանօթ
այդ
օտարականներուն
պատկանիլն
էր
«անիծապարտ»,
«դաւադիր»
մարդոց
դասակարգին։
Բայց
անոնց
եւ
խեղճ,
«հայվան»
գեղացիներուն
մէջտեղ
գործակցութեան
փաստ
մը՝
անգոյ։
Մնաց
որ,
բռնուողները
չէին
ուրացած
իրենց
«խռովարար»
նպատակները`
ընդունելով
քոմիթան։
Բայց
անկարելի
եղած
էր
անոնց
բերանէն
անուն
առնել։
Տուած
էին
իրենց
միսերէն
շատ
բան
թուրքին
աքցանին,
բայց
ոչ
իսկ
վանկ
մը
հայ
բան,
իրենց
անցած
տեղերէն։
Անոնց
ծննդավայրին
առասպելն
ալ
կը
կրկնապատկէր
անոնցմով
ստեղծուած
անորոշութիւնը։
Քոմանտան
փաշան,
իր
քարտուղարներուն
կը
թելադրէր
իր
նոթերը
օրը
օրին։
Երբեմն,
վարժեցնելու
համար
պետական
ոճին
ու
մտայնութեան՝
անիկա
այդ
նոթերը
մաս-մաս
կու
տար
նաեւ
աղջիկին,
որ
անուղղակի,
անցնելով
անդին
հայրական
մտածումներէն
ու
միւլահազա
ներէն,
«սիրտ
կը
կապէր»`
գործածելու
համար
ժողովրդական
բացատրութիւն
մը
սա
մարդոց,
անձէն
աւելի
անոնցմով
գոյաւոր
խորհուրդին։
Ո՞վ՝
սա
երիտասարդները,
որոնք
տուն
ու
տեղ
լքած,
դժնդակ
գաղափարի
մը
սիրոյն,
այսքան
յօժար,
կ’ենթարկէին
իրենք
զիրենք
«արդարութեան
խստութեանց»
ինչպէս
քողարկուած
բառերով
կը
դիտէր
իր
հայրը։
Ա՛յնքան՝
որ
իր
այդ
հետաքրքրութիւնը
անցեր
էր
նաեւ
մօրը,
որ
աղջիկէն
շատ
աւելի
զօրաւոր
պատճառներ
ունէր
այդ
մասին,
ինչպէս
պիտի
ճշդուի
ատ
ալ
քիչ
վերջը։
Մայր
ու
աղջիկ,
վարագոյրի
մը
ետեւէն,
ներկայ
եղան
անոնց
հարցաքննութեան
մէկ
մասին։
Այս
սաղմնաւորուած
հակումին
աւելցուցէք
Սողոմն
ալ։
Ասոր
մատաղութիւնը,
պիրկ
ուժգնութիւնը,
ձայնական
փաղաղիչ
հուրքը՝
նորութիւններ։
Կիները
բան
պիտի
չհասկնան
քաղաքական
ատելութենէն,
քառսունը
չանցած։
Բանտի
հիւանդանոցին
մէջ,
գրեթէ
լալով,
անոնք
ականջ
էին
տուած
անոր
եղանակներուն,
տենդի
մէջ
ըսուած,
խոր,
անհամաչափ
ակօսէ
մը՝
պարզ
սակայն
բոլոր
սիրտերուն։
Այսքա՞ն։
Մի
աճապարէք։
Ուրիշ
բա՞ն
է
արդեօք
հսկայ
կաղնին,
երբ
իբր
հունտ
կ’իյնայ
հող։
Այսքա՞ն։
Այո՜։
Բայց՝
բաւական,
գալիք
դէպքերուն։
Մի
մոռնաք
«աւազին
հատիկը»,
մա՛նաւանդ
սիրտի
քառուղիներուն։
-Ո՞ւր
է։
Հարցնողն
էր
կամաց,
աղջիկը,
որ
դժուարութիւն
ունէր
հեռուն
տեսնելու։
-Հո՛ն։
Մայրն
էր,
գլխովի
ցուցմունքով։
Պատկերը,
թեթեւ
այդ
նշանէն
եղաւ
տարօրէն
պարզ։
Գոհունակութեան
մօտ
զգացում
մը
լեցուց
անոր
մատղըշուկ
հոգին։
Երբեմն
զետեղուելու
համար
մեր
մէջ,
պէտք
ունինք
այս
արտաքին
նպաստներուն։
Ծրարը,
տղուն
ներքեւ
գրեթէ
անգոյ։
Ա՛յնքան՝
որ
գլուխը
կը
թուէր
դրուած
ուղղակի
քարին։
Առջեւը՝
դէզ,
շղթային
ճմռթկուած
ալիքը։
Իւղոտ
ու
տեղ-տեղ
փայլուն
անոր
օղակները
իրենց
ողորկ
մասերով
կարծես
դանակ-դանակ
կը
գզէին
խարզած
լոյսը`
քակուելով
աստղաձեւ,
դողալէն-դողալէն։
Քանի
մը
ճերմակ
վիրակապ,
ոտքէ
ու
մատներէ,
որոնց
ցոլացիկ
դեղնութիւնը
լուրջ
ու
վհատ
բան
մը
կ’աւելցնէր
զգեստին
տանհիւս,
տմոյն
կոշտութեան
վրայ։
Կիները
այրերու
վրայ
հագուստ
չեն
տեսներ։
Բայց
ամէն
կնոջ
մէջ
ուրուագիծը
կ’ապրի
հիւանդապահուհիին,
ուր
կը
սպասէ
առիթի։
Տպաւորիչ
անոր
դիմանկարը
սակայն,
ուրիշներէն։
Անարիւն
ու
նուրբ,
դեռ
պատանի
գրեթէ,
զոր
տրտում
ու
ահաւոր
պատրանք
մը
ըրած
էր
աւելի
հասուն`
չվայլելու
չափ
անոր
թարմութեան։
Մեր
տղաքը
կեանքը
կը
ճանչնան
կա՛մ
ոստումով,
կա՛մ
դանդաղ
թափանցումով։
Առաջինը
ոճիրին
զսպանակով
կը
գործէ։
Երկրորդը
մեր
ետեւէն
քաշկռտուող,
մեզմէ
վախցող
մեր
մանկութիւնն
է,
զոր
կը
հանենք
մինչեւ
ճերմակ
մազերուն
գօտին
երբեմն։
Այդ
է
պատճառը,
որ
ըլլանք
մեծ
մանուկներ,
բայց
այնքան
շատ,
որ
նկարագիր
տանք
զանգուածներու։
Սողոմին
դէմքը
կը
մնար
վարանոտ,
դէպի
ոճիրը,
հակառակ
դժնդակ
իրականութեան։
Կան
այս
մարդասպանները,
որոնց
չենք
վայլեցներ
իրենց
վայրագութիւնը։
Անոր
կաղապարը
կը
զատուէր
խորունկ
հակապատկերով
մը
շրջապատէն,
ուր
մարդերը,
երեսի
կաշիի
տեղ,
ըսես,
կը
կրէին
ծխախոտի
մգլած
ու
ճեղ-ճեղ
տերեւներ,
զանազան
վէրքերու
սպիներով
կանխահասօրէն
խատուտուած։
Քիչ
անգամ
կանոնաւոր
դիմագիծ
մը
նշմարելի
կ’ըլլայ
այդ
դիրտին
մէջ,
որ
բանտերու
նախագաւիթը
կը
կազմէ
Թուրքիոյ
մէջ։
Մարդոց
ապրուստը,
զրկանքը,
աւերիչ
ախտերը,
անօթութիւնը
ու
սեռին
առքը
հարազատ
կնիքով
կը
զարնեն
այդ
եղկելի
արարածները,
մեծ
մասով
իրենց
մարմինէն,
որքան
զայն
պատող
զգեստներէն
ցեցահար։
Խօսքը
չեմ
ըներ
այդ
գարշ
կաւին
մէջ
պարտկուելու
կանչուած
ոգիին,
մեր
բառովը՝
հոգիին,
որ
այս
ամէնէն
դուրս
դեռ
իր
բջիջներուն
մէջ
կը
կրէր
ցեղին
ալ
շարաւը։
Ու
հոգիէ՝
ինչպէս
միսէ
անոնց
անասնութիւնը
ակնբախ
է
ու
չափազանց։
Սողոմին
վրա՞յ։
Անշո՜ւշտ։
Կիները
տարիքին
հանդէպ
սրբազան
պատրանք
ունին,
երբ
ամուսնութեան
հարց
մը
չի
պղտորեր
իրենց
հոգեկան
ոստայնացումը,
առանձնութեան
մէջ,
մինչ
իրենց
զգացումները
իրենց
ցանցերը
կը
ձգեն
լռիկ,
անոնց
հոգիին
ջուրերուն
ու
պատկեր
կը
շինեն։
Մեծ
դղեակներու
մեծախտաւոր
աղջիկները
այդ
պատկերները
կը
գտնեն
իրենց
մօտէն,
սանկ
ու
նանկ
քուզէն
ներ,
կամ
անտառի
պահնորդներ,
կամ
խոհանոցէն։
Արեւմտեան
այս
շեղումները
Արեւելքի
մէջ
հանդիպելի
են
կանանոցներու
մարզէն,
աւելի
դիւրութեամբ,
քանի
որ
աւատական
ազնուապետութիւն
մը
չի
ճնշեր
հոս։
Ու
թուրքը
պէյ
է,
առանց
կայսերական
ֆերմանի
յաճախ,
իր
ուզելովը,
անգթութեամբը,
ոճիրներովը,
ոսկիովը։
Ու
այս
պէյերուն
կիները
նոյնքան
բոպիկ,
հոգեկան
գանձերէ,
զգայութեանց
մարզին
վրայ
կը
միանան
այրերուն
ճոխութեան`
իրենց
մարմիններէն
ճարելով
ապշեցուցիչ
խռովք
ու
բռնութիւն,
մշտապէս
կոտրելու
սպառնալիքին
տակ,
մշտապէս
մնալով
շլացուցիչ,
առինքնող
ու
անխուսափելի։
Մարդասպանը
խռովայոյզ
արարած
մըն
է։
Պիտի
նայինք
այդ
մարդոց,
զարմանքով՝
ինչպէս
յուզուած
ալ։
Երկու
մահերու
լուսապսակին
մէջ
անոնց
դէմքը
ինքնին
կ’այլակերպուի։
Աւելցուցէք
ատոր
վրայ
քոմիթան,
որ
եթէ
պետական
շրջանակին
համար
հանգոյց
մըն
է,
հաշիւներու
լռում
մը,
բայց
պարզ
մարդոց
մօտ
կշիռ
ունեցող
հոգեկան
յօրինո՛ւմ
մը։
Կիները
դիւրաւ
կը
զետեղեն
անոր
վրայ
դեղին
երեւակայութեան
ծաղիկները։
Մահուան
առջեւ
այդ
փոքր
մարմիններուն
արիութիւնը,
քաղցրութիւնը,
տանջանքին
մէջ
մռայլ
պարզութիւնը
ու
գաղտնիքէ
կրացումը
այդ
օրերուն
կը
պատմուէին
արդէն
աւագներու
շրջանակին
մէջ։
Քոմիթա՞,
Սողոմը։
Ո՜վ
գիտէ։
Հայերը
դիւրաւ
հասկցուելիք
ժողովուրդ
մը
չեն
թուրքին
կողմէ,
որ
զանոնք
զետեղած
է
արժէքներու
ստորնագոյն
տախտակին
ու
չըմբռնեց
անոնց
յեղափոխութիւնը։
Այդ
այլուրային
ձգողութենէն
դուրս
–
քաջութիւնը
կիները
նուաճող
մեծագոյն
առաքինութիւնն
է
–,
Սողոմին
վրայ
կար
տակաւին
մասնակի
շահեկանութիւն։
Իր
վէրքերուն
առատութիւնը,
ատոնց
հանդէպ
իր
անգոյ
պարզութիւնը,
իր
ձերբակալուելուն
հետ
կապ
ունեցող
եղերականութիւնը
թղթածրարէն
սահած
դրուագներ
էին,
տպաւորիչ,
մա՛նաւանդ՝
երբ
սարայլըն
ու
իր
աղջիկները
ճանչնանք
քիչ
մը
աւելի։
Երեք
տարի
է
հայ
կոյր
կնիկ
մը
կ’աղօթէ
անոր
հիւանդ
աղջկան
համար։
Արդի՞ւնքը։
Ցաւերը
չէին
քալած։
Ու
անոր
անհասկնալի
տարփաւորը`
խարբերդցի
Աւետիսը,
այդ
կնոջ
հոգիին
մէջ
անցուցած
էր
տեսակ
մը
ցաւոտ
հետաքրքրութիւն։
Խոհարարները,
մեծ
պալատներու
մէջ,
երբեմն
կը
հասնին
զգայարանքներու
ճամբով
խղճմտանքներու
վրայ
սա
հեղինակութեան։
Բայց
այդ
մասին
աւելի
ուշ։
Անշուշտ,
Նալպանտենց
հարսը
իջած
էր
մինչեւ
քաղաք,
բայց
գեղացիի
մարմին
մը
կշիռ
չ’ունենար
այս
պալատներէն
ներս։
Այդ
հարսը
շշուկ
էր
միայն
ընդարձակ
տրամին
մէջ,
որ
ելած
էր
Սողոմին
մատներէն,
զուրկ՝
թանձրութենէ
եւ
դիմագիծէ։
Անունը
գիտէին։
Ու
այդքան։
Անունները
յաճախ
բառ
են՝
առանց
բովանդակութեան։
Արտասանեցէք
հատ
մը,
ձեզի
օտար,
ու
պիտի
համոզուիք։
Նոյնիսկ
ուրիշներ,
որոնք
կրնան
արտասանուիլ
մեծկակ
հարցերու
կողքին,
կը
տպաւորեն
հազիւ,
ու
կը
նետուին
փութով
կասկածելի
զրոյցներու
կառքը։
Այս
դեղնութեան
մէջ,
որ
լամբի
լոյս,
որքան
ոճիրէն
ծծուած
ուժասպառում
էր
Սողոմին
վրայ,
ինչ
թաքուն
ո՜ւժ,
որպէսզի
աղջիկը
դպէր
մօրը,
փսփսալէն.
-Ի՜նչ
ալ
անարիւն
է։
-Լռէ՛,
կամաց։
Մայրը
անցաւ
առաջին
գիծի։
Անոր
սովորութիւնն
էր
այսպէս
պտոյտներու
ընթացքին
–
բժիշկները
փաշան
հարկադրած
էին
այս
մարզանքին,
մահուան
սպառնալիքով
–
ապաստանիլ
էրկանը
հաստ
շուքին
մէջ,
քաղաքը
բնակած
օրերուն`
չիյնալու
համար
քիչ
մը
շատկեկ,
բանտարկեալներու
կամ
զինուորներու
աչքին։
Այս
զգուշութիւնը
հաճոյ
բան
մըն
էր`
երկուստեք
յօժարութեամբ
մը
ընդունուած։
Սարայլըն,
ոչ-թուրք,
կովկասեան
ցեղերէ
հին
իշխանի
մը
արիւնէն,
Խրիմի
պատերազմին
Պրուսա
հաստատուած,
փարթամ
ընտանիքի
մը
մէջ,
դժուար
էր
ճկած
խիստ
նամեհրամին։
Թագաւորին
ծոցին
արժանանալէ
յետոյ,
վարդի
պէս
աղջիկ՝
անիկա
դարձեր
էր
իր
պալատին,
առանց
յղի
մնալու,
ու
պահեր
իր
ընտանիքին
չափով
մեղմ
պայմանները։
Իր
ամուսնութիւնը
յարգած
էր
այդ
ազատութիւնը՝
մնալու
պայմանով
ծանր
այն
պատկառանքին
մէջ,
որ
կայսերական
մահիճի
մը
ամպհովանին
է
կիներուն
վրայ։
Երբ
սարայլը
մը
զգայարանքներուն
հիմնովին
փճացած
գերի
մը
չէ,
կը
տանի
իր
կործանումը
թագաւորին
պալատէն
մինչեւ
սա
բանտերու
տեսչութիւնը,
բանտին
սանդուխը
տխրութեամբ
կ’իջնէ
ու
կը
կապուի
վրիպած
կեանքին`
հետզհետէ
դառնալու
համար
հպարտ
ու
անմատոյց
սառնութիւն,
զզուանքէն
ու
քիպիր
էն
ինքզինքը
ժանգոտելով
կամ
երբեմն
ալ
կը
զառածի
դէպի
հասկնալի
նարգիսականութիւն
մը`
անտանելի
դառնալով
ամէնէն
շատ
ինքը
իրեն։
Թագաւորի
ծոց
պառկիլ
մը
գուցէ
այսօր
կիներուն
թուի
տարտամ
իրողութիւն,
կուռքին
տապալումէն
յետոյ։
Բայց
այդ
օրերուն,
ամբողջ
կայսրութիւն
մը
ապրեցաւ
վեհապետին
անձին
մէջ
միայն,
որուն
բարեւը
բաւ
էր
վազող
ջուրերը
կեցնելու,
ինչպէս
կը
պատկերէ
ժողովուրդը
այս
կարգի
հեղինակութիւնները։
Վերատեսուչ
փաշային
կինը
չէր
խօսուած,
քաղաքին
մէջ
էրկանը
տունը,
Պոլիս
օդափոխութեանց
եւ
Եւրոպա
զբօսական
պտոյտներու
ընթացքին`
արժանաւոր
վերապահութեամբ
մը
կրելով
կայսերական
սուգը
իր
վրիպանքին։
Պարզ
էր
ու
լուրջ`
առանց
ըլլալու
ցանկախոյզ,
–
պարագայ
–
որով
կը
ստուերուին
Արեւելքի
մէջ
կիներուն
բնական
կամ
յարդարուն
խստութիւնները,
նամեհրամի
հանդէպ
անողոք,
էրկանը
ու
ատոր
ազգականուհիներուն
առջեւ,
բայց
մէրանցը
տունը
ընդունելով
կնոջ
տարազով
ծպտուած
սիրողները։
Ներքին
բխում
էր
ատիկա
անոր
վրայ,
կովկասեան
ցեղերու
լրջութեամբ
ու
տրտմութեամբ
երանգաւոր։
Գաւառական
քաղաքի
մը
մէջ,
դատափետուած
անոր
նորութիւնն
էր
ընտանեկան
հաւաքոյթներու
կազմակերպութիւնը,
ուր
մուտք
ունենային
այրեր,
շատ
դժուարահաճ
ճաշակով
մը
ընտրուած,
ամփոփ
ու
խորունկ
էֆէնտիներ`
գեղադէմ
ու
խրոխտ,
բոլորն
ալ
Կովկասէն
գաղթական
գերդաստաններու
շառաւիղ,
որոնք
լեզուով
թրքացած,
բայց
հոգիով
հաւատարիմ
էին
հազարամեայ
արիւնին։
Անոր
էրիկը`
հոգեբան,
որքան
բնագէտ,
որուն
դէմքին
վրայ
դեռ
չէր
աւարտած
մոնկոլ
սերմին
շրջափոխութիւնը,
գերման
կիներու
վրայէն
իր
յիշատակները
պատմած
ատեն,
յաւակնութիւն
կը
դնէր
բարքերու
նման
տախտակներ
ստեղծել
ձգտելու
թուրքերուն
ալ
մէջը։
Այդ
առաքելութեամբ
անիկա
կ’արտօնէր
իր
կինը,
ընդարձակ
իր
սրահներուն
մէջ
պտըտիլ
առանց
պարտադիր
քողին։
Կ’արտօնէր
անոր
մասնակցիլը
վիճաբանութեանց`
գիտական,
հոգեբանական,
քաղաքական
հարցերու
շուրջը,
որոնք
թուրքերու
վարիչ
շրջանակին
մէջ
ունին
չկասկածուած
կարեւորութիւն։
Սխալ
է
թուրքը
խանձարուրել
կրօնական
մոլեռանդութեան
մը
քուրջերուն
մէջ։
Անիկա՝
հերիք
է,
որ
քիչ
մը
կարդացած
ըլլայ,
ու
բաժանորդ՝
թերթի
մը,
կատաղի
քաղաքագէտ
մըն
է
նոյնիսկ
հարիւր
տուննոց
գիւղի
մը
խորը,
իր
հօրը
հասոյթները
ուտելով
եւ
իր
երկրին
փառքին
ինքզինքը
տրամադրելով։
Քաղաքներու
մէջ,
անոր
ուսում
ըրած
դասակարգը
երբ
մոնկոլեան
սթիկմաթներով
ծանրաբեռն
մենագար
մը
չէ,
կիներու
կամ
կրօնական
առքերու
մագնիսովը
կապկպուած,
անպայման
անյատակ
հայրենասէր
մըն
էր`
խստութեան
մէջ
իր
ետին
ձգելով
եւրոպական
ազգայնամոլութիւնը։
Տասնիններորդ
դարու
կէսերուն
սկսող
արեւմտականութիւնը
թուրքերու
մէջ
իր
թափանցումը
ըրաւ
կայսրութեան
գրաւուած
մասերէն
ազնուական
գաղթականներով,
որոնցմէ
կիներ
երկար
ատեն
պահեցին
իրենց
ազգային
սովորոյթները,
ամէնէն
կարեւորը՝
այրերէ
չփախչիլը։
Գիւղեր
կային
իմ
օրերուս,
ուր
աղջիկը
չէր
փախչեր
օտարականէն
անգամ։
Քոմանտան
փաշային
կինը,
իր
ծագումին
աւանդութիւններուն
կը
միացնէր
նաեւ
իր
աղջիկնութեան
կարճատեւ
փառքը։
Անիկա
չլսեց
քաղաքին
հաջոցը
ու
էրկանը
հետ
կը
մտնէր
կառավարական
պալատին
մէջ,
նոյն
պարզութեամբ`
սեւ
շալի
մը
մէջ
ամփոփելով
մազերուն
խուրձը`
չվիրաւորելու
համար
զառամ
դիւանապետները
ու
կրօնաւորները։
Սարայլըի
իր
հանգամանքը
զինքը
կը
պահէր
զերծ
աժան
ու
թուքոտ՝
ինչպէս
մուրոտ
ալ
հետաքրքրութենէն։
Գեղանի
ու
երիտասարդ
զինուորականներու
հետ
իր
խօսքին
ընտանութիւնը,
ցանկութենէ
ինքզինքը
վեր
դրած
ըլլալու
իր
վստահութիւնը,
բայց
մա՛նաւանդ
ամուսնական
կեանքի
սա
քսան
տարիներուն,
էրկանը
հարճերէն
իր
լրիւ
այլուրութիւնը
փաստե՞ր
էին
անոր
քիչ
մը
գիրուկ
պարկեշտութեան,
նոր
բառով
մը՝
զգայական
«պաղութեան»։
Անիկա,
առջի
տարիներուն,
չէր
տառապած
փաշային
անխուսափելի
կիներովը,
որոնք
այնքան
առատ
են
փնտռողին
շուրջը։
Ու
անոր
գիտնալէն
ու
իր
կարգին
«պաղելէն»
ետքը,
պահեր
էր
իր
բնական
բարութիւնը
«գիտնականօրէն»
կործանած
մարդուն
դէմ։
Ի՜նչ
գիտէ
աշխարհը
մեր
ներսէն։
Ու
գիտցածն
ալ
որքա՜ն
գէշ
ու
ծուռ
գիտէ։
Իր
հօրենական
ապարանքին
մէջ
–
որ
Պրուսայի
մօտ
բաղնիքներու
ծանօթ
արուարձանին
բարձրադիր
մէկ
կէտին
կը
տարածուէր
փոքր
գիւղակի
մը
ծաւալով
–,
անիկա
կը
պահէր
մեծ
ու
գրեթէ
նուիրական
հաւատարմութեամբ
մը,
սրտի
իր
կապը
իր
հանգուցեալ
հօրը
խոհարարին
հետ։
Ինչպէ՞ս
կը
պատահին
այս
հեքիաթունակ
բաները,
որոնք
թուղթին
վրայ
այնքան
հեռու
կը
թուին,
բայց
իրական
են
այնքան։
Ինչպէ՞ս
կը
պատահին
ան
միւսները,
սովորական
պայմաններու
կարկինին
մէջ
չափուած
փոքր
բաները,
մարդու
մը
եւ
կնոջ
մը
մէջտեղ,
բանե՜ր՝
որոնց
ճշդութեան
ամէնէն
ուշ
ու
դժուար
կը
հաւատան
բուն
իսկ
հերոսները
կամ
անոնց
փոխանորդ
այրերն
ու
կիները։
Պատահած
է
մեր
տուածն
ալ,
շատ
ու
շատ
անգամներ։
Ամէնէն
դժուար
հաւատացողը
այդ
փաշաներն
ու
պէյերը
եղան
նորէն…։
Շատ
պարզ,
շատ
սքողուած
տարփանքը
սարայլըին,
ուր
գերագոյն
գագաթն
ու
խոնարհագոյն
մերկութիւնը,
ծառայական
մերկութիւնը
իրար
կը
գտնէին,
անոր
հոգին
փակ
պահեց
աս
աշխարհին
փոքր
կամ
ոսկի
կեղծիքին։
Զարգացո՞ւմ։
Հազիւ
կը
կարդար։
Կիրքե՞ր։
Կոտրած
էր
անոնց
բաժակը
արքունական
ողբերգութեան
մը
մէջ,
որուն
ահաւոր
տգեղութիւնը,
ոսկի
սենեակներուն
անըմբռնելի
ձանձրոյթը,
ու
պալատական
կարգուսարքին
նոյնքան
ահաւոր
անմարդկայնութիւնը
դեռ
քսան
տարի
ետքը,
արցունք
կը
բերէին
անոր
աչքերէն,
երբ
բացուէին
ուղեղին
ներքեւ։
Այս
դժնդակ
փորձառութենէն
յետոյ,
այդքան
մատաղ
իր
մարմինին
մէջ
անքակտելի
կեղի
մը
պէս
խարանուած՝
անիկա
ինչպէ՜ս
ինկեր
էր
ծոցը
միւս
անդունդին,
–
պարզուկ
տղա՜յ
մը`
աշկերտը
խոհարարին,
փողոցէն
բերուած,
բայց
տարօրէն
խոր
ու
գրաւիչ
աչքերով,
ունենալով
իր
երեսին
անասելի
այն
ձգողութիւնը,
որ
մահն
ու
վախը
իրարու
կը
վերածէ,
նայուածքի
մը
տակ։
Ինքնին
սրտառուչ,
խոր
այս
դրուագը,
պալատական
բարքերէ։
Այս
մահավտանգ
արկածը,
որուն
մէջ
առնուազն
սուսիկ
գլխատում
մը
ամէնէն
հեշտ
վերջաբանը
կը
կազմէր
այդ
օրերուն,
քանի
որ
քրիստոնեային
արգիլուած
էր
թուրք
կինը,
կրօնքին
կամ
գլխուն
գնովը։
…Պէտք
է
կարճ
ըլլալ`
չյոգնեցնելու
համար
ընթերցողը։
Խարբերդի
մէկ
գեղէն
այդ
հայուն
կտորը,
իր
վարպետին
մահէն
ետքը,
անցնելով
անոր
գործին,
ինքզինքը
բանտեց
իր
հանըմին
տարփանքին
մէջ,
ա՛յն
պարզութեամբ,
որով
այդ
գեղանի
կինը
եկեր
էր
իրեն։
Պատանեկան
այս
կապերուն
ճակատագիրն
է
ըլլալ
դիւրաբեկ։
Հակառակը
պատահեցաւ
անոր։
Ու
տարիներուն
հետ
այդ
զգայական
արկածը
հոգեկան
նկարագիր
ալ
առաւ,
ուր
գիծ
ունէին
հաւանաբար
երկու
դերակատարներուն
անդրագոյն
անցեալները,
երկուքն
ալ
հաւանաբար
օր
մը
իրարու
մօտ
ապրած,
հեռաւոր
լեռներու
դրացնութեան
մէջ,
իրենց
նախնիքներուն
վրայով։
Հեքիաթ
չէ
ասիկա։
Երբ,
երակ
մը
ածուխի
համար
դարեր
անհանգիստ
կ’ընենք,
ինչո՞ւ
երակ
մը
հոգիի
համար
ըլլանք
ծիծաղելի
ձեւով
մը
պարզապաշտ։
Ո՞վ
է
ճանչցեր
մեր
հոգին,
որպէսզի
զայն
դատէ
աւելի
քիչ
սխալով։
Մեր
պատմութեան
սա
օրերուն
անիկա
քառսուն
էր
արդէն`
դէմքէն
չյայտնելով
այդ
բեռը։
Ըսի
ասոնք,
թեթեւ
մը
սակայն,
հասկնալի
ընելու
համար,
թէ
ինչո՞ւ
կիներու
արիւնը
կը
տաքնայ,
առանց
պատճառի,
աս
ու
ան
հայուն
կտորին
վրայ։
Սողոմին
հանդէպ
անոնց
հետաքրքրութիւնը
առաջին
ու
խոր
թաղուած
իր
զսպանակը
ունէր
ձայնին
մէջը
«վարպետին»
ցեղին։
Խոհարարը
բանաստեղծ
էր,
այսինքն՝
մեր
իրականութեան
աշուղը,
որ
կ’ապրէր
ներսէն
ու
այդ
ապրումները
երգով
դուրս
կու
տար։
Մենք
լաւ
չենք
չափեր
ճամբան,
ուրկէ
զգացումներու
կարաւանը
կ’անցնի։
Չենք
կասկածիր,
թէ
այդ
անցքին
հետքերը
այնքան
խոր
կնիքով
առեր
ենք
մեր
մատաղ
հոգիին
դաշտին։
Ու
կը
զարմանանք,
երբ
օրին
մէկը
գտնենք
մեզ
գրաւուած։
Այդ
հետաքրքրութեան
մէջ,
բացի
«վարպետին»
ձայնէն,
տեղ
ունէր
քիչ
մը
դիպուածն
ալ։
Սողոմը
գազային
բանտը
ղրկուած
էր
կէս-մեռել։
Բախտը
ուզեց,
որ
զայն
քաղաք
փոխադրող
կառքը
հանդիպումն
ընէ
մօր
ու
աղջկան,
բանտին
բակին
մէջ,
առաջացած
գիշերով։
Շրջապատ
ոստիկանները,
դանդաղեր
էին
կառքին
գնացքը։
Ամէն
կին
անոնց
համար
սէվապ
է։
Անոնց
դէմքը
աւելի
լաւ
վայելելու
համար
բռներ
էին
իրենց
լապտերները
վեր։
Այս
շարժումը
լուսաւորեց
կառքին
մէջ
երկարող
ձեւը,
որմէ
դէմքը
կը
բերէր
դալուկ,
մեռելի
շեշտ
արտայայտութեամբ,
անկիւններէ
շուք
առած
ու
խռովիչ՝
մինչեւ
անոնց
ընդերքը։
Մարդկային
մարմինը
ունի
պահեր,
երբ
զինքը
այդ
ձեւին
բերելու
համար
վատնուած
տարիներու
գորովն
ու
աղապատանքը
սերի
պէս
կը
կենայ
անոր
երեսին։
Կիները
միայն
գիտեն,
թէ
ի՛նչ
ըսել
է
տղայ
մը
յղանալ,
ծնիլ,
դիեցնել
ու
բերել
սա
տարիքը
մինչեւ,
որպէսզի
առանց
խոր
այլայլումի
չկարենան
տեսնել
այդքան
դժուարաւ
աճած
այդ
հրաշքին
յանկարծակի
կործանումը
ճակատագրի
հարուածէն։
Անոնք
կեցուցին
կառքը։
Երկարեցին
իրենց
գլուխները
դռնակէն
ներս։
Երիտասարդ
էր
գրեթէ,
ու
տաքուկ՝
դէմքին
վրայ
ուրուացող
գոլէ
մը։
Հարցուցին
բերողներուն
անոր
գեղը,
անունը,
ոճիրը,
կամաց`
ոստիկաններուն
չկամ
ու
ատելավառ
արտայայտութեան
հակառակ։
Կիսակամար
այդ
կառքին
մէջ
երկարող
տղան
ո՞ր
հրաշքին
գնովը
նետեր
էր
այդ
կինը
ետ,
դէպի
այն
տարիքը,
որուն
մէջ
անիկա
թափանցումն
էր
ըրած
մարդերու
մարմինին,
առնութեան
պատկերին
տակ
սքողուն
այն
միւս
զեղումի՜ն,
այնքան
արագ,
այնքան
կայծակնահոս,
բայց
լայն,
բայց
ընտանի,
վստահելի։
Տարփանքի
զգայարանքները
իրենց
ներքեւ
թաղուած
կը
պահեն
այս
խորունկ
արմատները։
Մայրը
հրամայեց
կառքը
քշել
հիւանդանոց,
ան
ալ
բանտի
մէկ
խորշը,
զրահապատ,
ու
խստօրէն
հսկուած։
Տղան
կառքէն
վար
առին։
Չէր
արթնցած։
Երկարեցին
աղտոտ
մահիճի
մը
մէջ։
Չէր
արթնցած։
…
Այն
գիշերը
անոնք`
մայր
ու
աղջիկ,
հետաքրքրեցին
նորեկով
բանտին
գիտուն,
իմաստուն
ու
հոգեբան
վերատեսուչը։
Այդ
գիշերէն
մինչեւ
սա
պահը
Սողոմը
կ’ապրէր
անոնց
համար,
սովորականէն
տարբեր
կեանքով
մը։
Մի
հարցնէք,
թէ
ի՛նչ
երանգ
կը
պահուի
այդ
տարբերութեան
մէջ։
Զգացումները
կը
շինուին
ու
անոնց
բախտն
է
այդ
ճարտարապետութենէն
ուրացուիլ։
Աւարտելէ
յետոյ
միայն
մենք
կը
տեսնենք,
թէ
ի՛նչ
ենք
ըրած։