Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Յանկարծ, մօտի մինարէէն այդ միակ շրջանին մէ ջ տասը կ’անցնէր մզկիթներուն թիւը, մեծ մասը անհատներու ծախքով կառուցուած, ով գիտէ ի՜նչ ծով մեղքերու քաւութեան համար, վասնզի թուրքին երիտասարդութիւնը արիւն թափել է, ու ծերութիւնը՝ ապտէսթ առնել աղօթողը բացաւ իր ձայնը, զոր կտրտեցին հարիւրով ուրիշներ աստիճաններու առատ, բայց ամբողջ բազմութեամբ մը, ողբական նուագի մը վրայ, խառնուելով իրարու։

Բացի մեզի ծանօթ իր առաքինութիւններէն, վերատեսուչ փաշան, Գերմանիոյ կը պարտէր ուրիշ ալ տաղանդ մը, արեւելեան երաժշտութեան հանդէպ խորին պաշտամունք։

Զուսպ ու թաքուն յուզումով մը՝ անիկա վերցուց լոյսին վրձինը Սողոմին երեսէն։ Պատկերը դարձաւ կիսամութ իր ծփանքին։ Մշուշները կը շարունակէին լողալ ու լողալ։

Մութին մէջ, այս անգամ դուրսի աշխարհէն հարիւրաւոր ձայներ կը փորագրէին կարծես մռայլ ներդաշնակութիւն մը, որ արեւելեան քաղաքներուն անհարթութիւնը կը սրբագրէ։ Թուրք մը արեւմտեան մտքին լայնօրէն հաղորդ կը գրէր, թէ բան մը պիտի պակսէր աշխարհէն, եթէ մինարէին գագաթէն երգը լռէր։ Իրաւունք ունէր անիկա։ Զանգակները լսեր եմ քրիստոնեայ ոստաններուն կոկ ու վայելուչ կամարներէն վեր, այնքան խժալուր ու դժնդակ։ Մետաղը, սիրտէ զուրկ աման, չէ կարող արտայայտել ինչ որ կրակն է մարդերու ձայնին։ Անոնք` զանգակները, կը ծափեն ու կը ծեծեն ականջները, երբ համազարկ երգեն։ Մինարէին բարձունքէն, էզանները, մեղմ՝ բայց արիւն, մեզ կը խռովեն, ինչպէս եւ պտոյտի կը հանեն մեր հոգին։ Ձայնական այդ ալիքները նոյն պարոյրով կ’աւազանեն Հնդկաստանն ու Արաբիան։ Ու արաբական նախադասութեանց մէջ, որոնք կը թափուին վար, հաւատացեալը, բայց մա՛նաւանդ անհաւատը կը զգան տարափը անապատին սիրտերուն ու տափաստանի արիւնին։

Փաշային հա՛զը, խոշո՜ր, վայրա՜գ, տասը-քսան անընդմէջ հարուածներով։

Մայր ու աղջիկ պարտաւոր էին կենալ անոր աջին ու ձախին։

Ու, շնչահեղձական սուլոցը անոր նոպային։ Որ, սուր գիծի մը պէս, կը մխուէր ներս, դէպի կաթսան անոր խժան թոքերուն` անցք մը ճարելու համար զովացնող օդի, անոր խղդուող սրտին։ Որմէ յետոյ, ուժգին վանդակ մը ամբողջ շունչ, խողովակը պարուրող աղտն ու թարախը աւլող, փոխադրող։ Խո՛ւխը, քանակէն ծանօթ։ Շատ ուտող, քիչ սպառող մարդոց պատահող այս հիւանդութիւնը, որուն բազմազան են արտայայտութեան կերպերը, փաշային անձը սեռէն սառեցնելէ, միսերը տկռելէ ետքը, ջերմաչափի չափ ալ զգայուն կ’ընէր խոնաւութեան։ Գիշերուան ցուրտը լիովին սկսած։ Վերադա՜րձը։

Երկու կիները կը վարանէին քայլ բանալ, երբ բանտին կիսամութ գաւիթէն փրթաւ եղանակը, անակնկալ՝ որքան պայծառ։ Մինարէները լռած էին արդէն։

Եկայք, որդեակք իմ, ձեր մօրն այցելութեան…

Ձեր մօրն այցելութեան…

Սառած՝ բայց բառին տալով դասական իր իմաստը, մնացին երեքն ալ, իրենց ոսկորներուն վրայ։ Նոյն սլաքը գտեր էր երեքին ալ սիրտը։ Վասնզի ձայնին ճակատագիրն է մէկ բխիլ ու հազար իյնալ։ Վասնզի զայն ընդունողներուն բախտն է հազար առնել ու մէ՜կ զգալ։

Ճամբանե՞րը։

-Շատ են անոնք ու տարբեր մարդէ մարդ։

Այս վէպի ընթացքին ինծի պատահեցաւ գործողութիւն արձակել, բայց չհետեւիլ անոր։ Ուշացայ այդ գործողութեան ներքին ծաւալումն ի վար` խորհելով այն իրաւունքին, զոր մեր չյայտնուած եսը ունի մեր յայտնուած եսէն աւելի։ Անշուշտ, վէպը իր օրէնքներն ունի, որոնք կ’ուրանան այս շեղումները։ Բայց օրէնքները արդիւնք են պատահուած իրողութեանց իբր հակահարուած։ Անշահեկա՞ն է արդեօք, հետեւիլ հոգիի մը բաւիղներէն ներս, դէպի այն անդունդները, որոնք երգի մը ժապաւէններովը չափելի կը դառնան։ Նուա՞զ ողբերգական է դժնդակ ու թշուառական այն քաոսին մէջ, որ մեր անցեալն է միշտ, այդ դողդոջ լոյսով պտըտիլ կրնալ ու տեսնել բաներ, որոնք մերը եղան ու չուզեցինք հանել դուրս։ Ո՛վ է այն յիմարը, որ պիտի նախասիրէ դուրսին համար յարդարուած իր կեանքն ան միւսէն, զոր տարիները քիչիկ-քիչիկ ճարտարապետեր են այնքան տառապագին յուզումներու գնով։ Ո՞վ ալ ըլլաք այս տողերը կարդացողը, եղած էք ա՜ն ալ, որուն կ’ուզեմ դարձնել ձեզ, ուրիշներու ճամբով։ Ու վէպը, ատոր ազատութիւնը կու տայ ինծի, ձեր կողմէն պզտիկ զիջումով մը։ Սինեմա մը վայլելու համար կը յօժարիք քանի մը ժամ ամբոխ ըլլալ։ Շնորհեցէք ձեզի այդ շեղումը։ Ու մի պահանջէք, որ յիմար փաշա մը անպատճառ աջ ու ձախ թքնէ, սուր շարժէ, մարդեր սպաննող հրամաններ արձակէ։ Ատիկա արտաքին, շարժական ու մէկ երեսով գործողութիւն է։ Մի պահանջէք, որ անոր կնիկը, նոյնքան յիմար ու տարփավառ սիրուհիի մը նման թերթօնական արկածախնդրութիւններ ցուցադրէ ձեզի։ Երկուքն ալ ատկէ աւելի են միշտ, ինչպէս դուք ամէն մէկերնիդ ձեր հիմակուան ընթերցողի վիճակէն աւելի եղաք։

Ձայն մը առնելու ճամբաները շատ են։

Ու դիւրութեան համար կը բաժնեմ զանոնք։ Վարագոյր-վարագոյր։ Թերեւս ըլլայ այս կերպը աւելի մատչելի։