Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի.

-Շատ են ճամբաները ձայն մը առնելու։

Եւ ահա ուրիշը անոնցմէ.

-Ճամբա՛ն, աղաներուն, պէյերուն, փաշաներուն։

Յիսուն տարի առաջ սրճարանը թատրոնն էր թուրքին։ Անոր պատին՝ շա՛րը սազերուն, որոնք կը սպասէին Ոդիսեւսի աղ ե ղին նման, հեռու երգիչին։ Որ կու գար բարի, պերճ կամ խոնարհ, պատմուճանով կամ գլգլեակով ` առանց կրօնքէն տառապելու, պաշտպանուած՝ իսլամ փարթամութեան միջնադարեան անփութութենէն դէպի արուեստ։ Ու կ’անցնէր երգի ` հաւաքելով ցախմօրուս թաթարը, ցորենագոյն ու շրջափոխուած գեղջուկը նոյն կիսամութին մէջ, յուզելու համար անոնց շատ տրտում, շատ բարկ անասնութիւնը։ Ե ղած է շրջան, երբ թուրքերուն իշխած հողերուն վրայ այդ երգիչները կատարած են, նոր ժամանակներու մէջ, ինչ որ միջնադարուն ասպետները, աւելի առաջ՝ պարտերը, աժետները կ’ընէին աւելի հին քաղաքակրթութեանց մէջ։ …։ Ու անգործի երգիչները, թափառական տէրվիշները, որոնք չորս ճամբու բերնին կը կոթողէին իրենց ձայնը, ուղիղ շատրուա՜ն, ինչպէս կան տակաւին այս աղբիւրները մէկ-երկու դամբարաններու բակին, իրենց մարմինին ողբալի աւերակէն ժայթքող, իրենց ձայնը, փաղաղիչ կրակ, թաղէ թաղ թռող ու սիրտերը լզող, վանդակներու ետին աղջիկները դանկըտող իրենց միսերուն սուրբ գաւառներէն, կամ փողոցի երեսին՝ ապշահար տղաքը լացի մէջ թռչող։ Ճամբա՞յ։ Անշո՛ւշտ։ Այնքա՛ն ընդարձակ, որ հազարներու հոգիին դուռները կ’առնէ։ Ու տակաւին միւսները, մեծ կամ խոնարհ մինարէներուն տրտում, ինքնստոյգ ու յիմար երգահանները, քսան, երեսուն, յիսուն մեթր վերերէն, աղեկտուր իրենց գեղգեղանքը վար հոսելու ատեն վերանալով, ա՛յնքան՝ որ պատռուած իրենք իրենցմէ, վազեն իրենց ձայնին ետեւէն դէպի վարի աշխարհը ու մեռնին ` դեռ վանկը չսպառած իրենց խռչակէն։ Գինովնե՞ր, այս ինկողները։ Ո՜վ ինչ գիտէ առքէն ու խռովքէն, զոր կը հանենք մենք մեր մէջէն, մեծ յուզումի մը ճպոտին ներքեւ։ Ու խենթե՛րը, որոնց ուղեղին մէջ ցաւը եղեամ է կապած։ Զարնուած էակներ, ասոնք կը նստին շիրիմներու գլխուն ու կը կանչեն պառկողը, այնքան իրաւ, սրտանց, ընտանի, որ բացէն ունկնդիրը պատրանքը կ’առնէ բուսնելիք աղջկան, հողերէն դուրս ` բերելու համար պաղատող այդ շրթներուն համբոյրը այն միւսներուն, որոնք մահէն իսկ չեն պաղած։ Սեռային յիմարութիւնը գրական տարազ մը չէ։ Ձեզի կը ձգեմ չափել կրակը հող չիջնող շրթներուն։ Ու տակաւին ուրիշնե՜ր։ Գեղաձայն տղաք։ Ինչպէս են մեր մէջ տիրացուները։ Որոնք աւագորեարին վայելքները իրենց ոգեղէն այդ իսկութիւնով մեղրելու դերէն անդին, ունին յաճախ ուրիշ ալ երանգ, խորհրդազգած, քիչիկ մըն ալ անտարազելի, վասնզի, Արեւելքի մէջ, կեանքը ոչ մէկ փայլակէ այցուած մթութիւն է յաճախ, գիշե՜ր՝ որ կը տեւէ քառասուն տարի։ Չաւարտած քերթուած է, անգթութիւն է, զրկանք է, ուրիշներէ ճամբայ հանուած մեր վրայ։ Կամ՝ մեզմէ յայտարարուած։ Ձայնը, այսինքն՝ անոր քաղ ց րը, յուզիչը՝ տեսակ մը փոխարինութիւն մեզի բռնադրուած կամ մեզմէ բխող մեր տրտմութիւններուն։ Մարդեր կան, որ երգելով կը կշտանա՜ն։ Ըսել կ’ուզեմ կը հանգչին։ Կոյրե՞րը։ Անշո՛ւշտ։ Որոնք աշխարհ մը կարօտ, պապակ, համբոյր, ջերմութիւն ու սեռ ու սերմ կը վստահին իրենց մեղեդիին, եր բ իրենց մորթով կը տեսնեն կինը։ Խենթե՞րը։ Անշո՛ւշտ։ Որոնք լարերուն վրայ մատ զարկած ատեն լոյսով կ’ողողուին ու սեռ կը դառնան, լացի մը մէջ լուծուող։ Ի՜նչ երկար է շարանը։ Որքան քիչ՝ գիրք մը…։ Հեռակայ, այսինքն՝ մեզմէ օտար շեշտն իսկ տպաւորիչ է մեզի։ Զայն պարտաւոր ենք կրելու ` մեր փափաքին իսկ ընդդէմ քալելով։ Սիրահարը ան ո ր ուղիով կը բարձրանայ զգայութեան մշուշոտ ու վտանգաւոր գագաթներ։ Վշտահարը անոր բաժակովը կը պարպէր լիճերը իր սրտին։ Մի մոռնաք Արեւելքին դասական պատկերը, որ մէկ հատիկ վշտոտ մարդու վիճակը արտագրելու համար ծովերը կը վերածէ մելանի, անտառները՝ եղէգի, ու այսպէս հանդերձուելէ ետքն ալ դեռ անվճար կը գտնէ իր պաշտօնը։

Քոմանտան փաշա՞ն։

Որ, մինակ բանտերու պահպանութիւնը կամ արեւմտացումը չունէր շրջանակ իր փառասիրութեան։ Անիկա ծանօթ էր քաղաքին իր խոր, խուլ, խօլ պաշտամունքովը արեւելեան երաժշտութեան հանդէպ։ Այդ պաշտամունքը թերեւս ներելի ըրաւ իր բարքին միւս տարօրինակութիւնը, որ այդքան բարբարոս քաղաքի մը մէջ, իր կինը կ’արտօնէր արեւմտեան տարազով շրջելու։ Այդ պաշտամունքը կը բացատրէր դարձեալ իր ատելութիւնը ընդդէմ արեւմտեան երաժշտութեան, զոր կը դատապարտէր իբր մետաղագործական։ Ու նոյն ատեն այդ սէրը կը մնար բաւարար զսպանակ՝ արդարացնելու անոր հօրենական տիտղո ս ը, քանի որ թուրք ազնուապետութիւնը միշտ չ’երաշխաւորուիր պետական ծառայութեամբ, ինչպէս էր պարագան սլաւ երկիրներու ազնուականութեան համար, ջարդի տաղանդով, որ ցեղային գիծ է՝ այնքան զօրաւոր ու թանկագին իր բարիքներովը։ Ան չ’երաշխաւորուիր դարձեալ ոճրաշնորհ ու անտիպ տուրքերով, աս ու ան ստահակին սխրագործութեանց մէջ հասունցած, կատարելագործուած ու կանչուած, բարձր տիտղոսով, պատուանշանով կայսերական գնահատող իրատէ ով պսակուելու, ներկուելու ու իբր մշակոյթի ազդակ փառաբանուելու։ Թուրք հիմակուան պէյերուն մեծ մասը այդ շքանշանը կը պարտի քրիստոնեայ կամ քուրդ արիւնին մէջ մութցած իր ձեռքերուն։ Հիմա, ինչպէս այն ատեն ալ, ասոնցմէ դուրս ուրիշ ա ռ աքինութիւններ կը պահանջուէին ազնուականութեան թեկնածուներէն, շինարարական տուրքեր, առհասարակ կրօնական մարզէ, մզկիթներ նորոգող կամ հիմնող, թէքքէներ ու մէտրէսէներ պարենաւորող, կամ գերեզման մը պարսպող։ Առաքինութիւններ ասոնք, որոնք կողոպուտին կամ հ օ րենական կալուածներուն վրայ աւելնալով ամենահասարակ ծագումով սրիկան կամ իր պապերուն մեղքովը հարիւր տարի առաջուընէ տակաւին իր հի մ կու արիւնին մէջ այլասերած ցաւագարը, ախտաժէտը կը բարձրացնեն ընկերային դիրքի։ Բանտերու վերատեսուչ քոմանտան փաշան, իր ժառանգութիւնը, գերմանագիտութիւնը, թագաւորի «փեսայութիւնը» կը շահագործէր ` ո՛չ միայն հեգնելով քրիստոնեայ աշխարհին սիրական գործիքները ` դաշնակն ու ջութակը, այլեւ այդ հեգնութիւնը հանելով բարձ ր աստիճան պարսաւի, դէմ երթալու չափ կուսակալով փորձուած նորաձեւութեան, թուրք ապար ա նքներէ ներս դաշնակին ընդհանրացման։ Անիկա, այդ տեսակէտին հաւատարիմ, կը տարածէր իր պաշտպանութիւնը՝ ազգային արուեստին ամէնէն խոնարհ ձեւերուն։ Կ’ատէ՞ր Արեւմուտքը, թէ վտանգուած ժողովրդականութիւնը կանգուն պահելու ճարտարանք մըն էր սա հալածանքը անոր երաժշտութեան դէմ։ Իրողութիւնը ան էր, որ այս դարասկիզբի բարձրաստիճան սպաներուն նման, ան ալ եղեր էր Գերմանիա, չորս տարի, սորվելու համար անիմաստ բան մը, գիտութի՛ւնը՝ մարդերը աւելի դիւրաւ ու կանոնաւոր սպաննելու։ Այցուա՞ծ էր անիկա այս անհեթեթութեան գիտակցութեամբը, քանի որ ատիկա պէտք չունէր սորվելու, ձուկին պէս լողալ գիտնալուն՝ դե՜ռ մօրը արգանդէն։ Իրողութիւն էր, որ անիկա կ’ատէր խարտեաշ այդ ժողովուրդը, որուն կինն ու գինին կանչուած էին գրաւելու աշխարհը, ինչպէս կը պատգամէ կարգախօսը այն օրերու գերման ազգայնութեան՝ գերման երաժշտութեան հեղեղին ընդմէջէն։ Կ’արժէ՞ որ հարցնենք կապը, տափաստանեան կիսավայրենի ցեղի մը, եւ, Արեւմուտքին ամէնէն խորունկ, իմաստուն, անշահախնդիր մշակոյթին միջեւ, որ գերմաններունը եղաւ մինչեւ երկաթէ վարչապետին տիրակալութիւնը։ Ատիկա թուրքերը չհարցուցին, չհաւատալնուն, ինչպէս պէտք ալ չունենալնուն։ Նորնալու տենդը անոնց մէջ ծնունդ է ֆիզիքական, զինուորական հնհնուքներու։ ԺԹ. րդ դարու վերջերը թուրքերը վրայ տուին ինչ որ շահած էին Խրիմի պատերազմէն ետքը իբր արեւմտացում։ Այնպէս որ, գիտէին, թէ ի՛նչ կ’ուզէին գերմաններէն, երբ անոնց դպրոցները կը լեցնէին իրենց սպաներով։ Անշուշտ, այս կապը չհարցուցին իրենք, պիզմարքեան գերմանները ու զօրանոցային իրենց հոգեբանութիւնը բացին կիսակիրթ մարդոց, որոնք այդ դպրոցներուն մէջ մտան ու ելան, քիչ մը պատմութիւն, մաթեմաթիք, տիեզերագրութիւն սորված, բայց կաթիլ մը իսկ բան չառած հոգեկան այն տուրքերէն, մարդկայնութենէն, վերջապէս գերման իտէալիզմէն, որ Եւրոպայի մէջ մշակոյթին գերագոյն միջնաբերդը մնաց մինչեւ տասնիններորդ դարու վախճանը։ Ու դարձան անոնք իրենց երկիրը, իրենց սիրտին պողպատուած կարծրութեամբը զարմացնելու աստիճան բանակին հին սպաները, որոնք առնուազն գթալ ունէին ու մորթելու հրամանը ժամացոյցով կամ արեւով կը պայմանաւորէին եւ ոչ թէ տարիներու անվախճան տեւողութեամբը։ 915ը, զուտ գերմանական յղացք, թուրքերուն նոր մտայնութիւնն է անշուշտ նոյն չափով, ու գերագոյն նախատինքը նետուած ուսուցիչի ճակատին։ Մնաց որ, թուրքը նոր չէ, որ կ’ատէ Եւրոպան։ Թուրքերու գերմանապաշտութիւնը պատրանք իսկ չէ, այլ՝ ստորին կեղծիք մը։ Գերմանիա ըրած այդ զինուորականութիւնը թուրք բանակին ամէնէն վայրագ, որքան անկարող սպայութիւնն է տուած։ Զինուորական յաջողութեանց վրայ ձեւուած բարեկամութիւն մը պիտի յանգէր իր անխուսափելի ելքին։ Ու Պրուսայի մէջ իր կալու ա ծներուն ընդարձակութեամբը, ագարակ-գիւղերով, մա՛նաւանդ ուղղափառ բարեպաշտութեամբ դուք սրբագրեցէք անհուն մոլեռանդութեամբը ար ա բական շէյխի մը պէս յարգուած Հիւսնի փաշան հայրը մեր վերատեսուչ փաշային իր տղան Գերմանիա ճամբած ատենը, արցունքով յանձնարարած էր անոր ատել անհաւատը, իր ամէն բանին, նոյնիսկ ամէնէն անվնասներուն, օրինակի համար՝ երաժշտութեան ալ մէջը։ Ասիկա տարօրինակ չթուի ձեզի։ Հիւսնի փաշան, քանի մը հարիւր տարիէ ի վեր Պրուսայի դաշտին տիրական դէմքեր տուած գերդաստանի մը ա՛լ սպառած ժառանգորդը, մինակ ոսկի ու վարկ չունէր։ Այլ ունէր ամէնէն յուզիչ ու խնամուած ձայներէն մէկը։ Մենք զաւակն ենք մեր պապերուն, բայց մա՛նաւանդ անոնց մենագրութիւններուն։ Այս պատմութեան խառնուած սա ճարպի տակառը փղոսկրեայ դիմագիծով իր հօրմէն ժառանգած է գուցէ իր ատելութիւնները։ Մեծցեր էր այս տղան անկորուստ, անքակտելի այն տպաւորութեանց մէջ, որոնք միսթիք ու էկզոթիք եղանակներէն կը մթերուին մեր մէջ, մեր պատանութեան այնքան ընկ ալ ո ւ չ ու պարզ ու բարի օրերէն։ Արիւնին ու սեռին, ամպհովանին, –երաժշտութիւնը։ Հելլէն քաղաքակրթութի ւ նը, Նիցչէին կարծիքով, ծնունդ է կրօնական երգերու։ Հարիւր տարի ետքը, երբ թրքութիւնը ջնջուի, չեմ ըսեր իբր ժողովուրդ, այլ իբր վայրագութիւն ու մարդախոշոշ անօթութիւն, անշուշտ պիտի գտնուին մարդեր, որոնք անոնց պատմութեան առաջաւոր դարերը ենթարկեն վերլուծման։ Սեռէն ու արիւնէն յետոյ, այդ մարդերը պիտի ծանրանան այս ժողովուրդին երաժշտական զգայնութեան։ Ա ն շուշտ, թուրքերուն դեռ կը պակսի արուեստագէտը, որ քանի մը կարկառուն քանդակներով սեւեռէր մէկ-երկու երեսները իրենց հոգիին, ինչպէս մերը ըրած են մեր շարականները ու նոր օրերու մեր գեղջուկ երգերը։ Անոնց երկիրներուն վրայ ոճ է հաստ, խոր ու ձգձգուն մեղեդին, մզկիթներու ներսը կամ մինարէներու գագաթէն, ամրան արշալոյսներուն, կիսամութ երկինքէն, երբ կը փողրակուի գողտր ալեակով, քնացած քաղաքին տրտում կամ անքուն խղճմտանքները դէպի։ Ու ոճ է կրկին՝ ինչ որ աշուղներուն լարերէն ինկաւ ամբոխին, իբր ասղնտուք ու իբր համբոյր, երբ անոնք պատմել ջանացին պարզագոյն իղձերը սիրող սիրտերուն։ Իսլամութեան սուրբ քաղաքներէն չէ անշուշտ Պրուսան։ Բայց անոր դաշտերուն մէջն է, որ ծագում են առած կրօնական զանազան կազմակե ր պութիւններ, Գոնիայէն ծաւալող։ Վայելքի, պտուղի, առատութեան ու գոյնի, թաւիշի, դեղձի, մետաքսի ու թուզի քաղաք՝ անիկա կրցած է իրեն ձգել իսլամ աշխարհին մեծ ուխտովները, երգիչներ, աղօթողներ, սուրբեր, հսկայ մեղաւորներ ասոնք, որոնք Պոլսոյ ճամիներուն քարերը հ ամբուրելէ յետոյ կ’ա յ ցուին այդ քաղաքին ալ առքէն, տարօրէն ո ւ ժով, իր մինարէներուն նիզակաձեւ տարտղնումին չափ, մզկիթներուն գարգմանակուած մահիկ՝ ծոցին աստղ-սաղաւարտովը ու, մա՛նաւանդ՝ գոյն-գոյն փաթթոցներուն ու գդակներուն անհատնում թափօրովը։ Կրօնաւորը ամէն տեղ է հոն։ Ու այցելուն խորապէս կը տպաւորուի անով պայմանաւոր ոգեկանութենէն, որ սուրբ քաղաքներուն տեսակ մը մթնոլորտ կը հանդերձէ։ Հոն են անոնք, այս աղօթողները, որոնք երկիւղած յարգանքով կը հրաւիրուին այս ու այն փաշային, այս ու այն սուլթանին կանանոցը մեծ կալուածներ ունի, օդափոխութեան յատուկ ապարանքները, ու ոսկի վարագոյրով մը կիսուած սրահի մը մէջ, որուն միւս մասին մէջ իշխանուհիները կը նստին ոսկի աթոռներու, անոնք կ’երգեն իրենց օտար աշխարհներուն այնքան խռովիչ, նոր, այնքան անիրական, բայց այնքան ալ մօտ հոգիները, երբ նամազի դիրքով, ծունկերնուն վրայ տեղաւորուած կը գրաւեն կեդրոնը բոլորակին, կազմուած՝ կէս կանգուն մօրուքով ու կէս թիզէն ալ քիչ դէմքով ծերունիներէ, գլուխնուն՝ ուրիշ կէս-կանգուն դէզով փաթթոցը, լեռնէն նոր հանուած ձիւնի կ ոնի մը նմանակ։ Արձաններու պէս անշարժ, իրենց փղոսկրէ մատները դրած իրենց ծունկերուն, օձի մը նման իրենց համրիչները օղակ ձգած իրենց առջին՝ անոնք մօրուքով ու քիւլահ ով հետեւին պիտի երաժիշտին, Թուրքեստանէն կամ Գանգէսէն, Նեղոսէն կամ Մարոքէն, կամ աւելի սրբազնասուրբը՝ Արաբիստանէն նոր ժամանած, սեփ-սեւ մազերէն՝ ինչպէս բիբէն, ու դեղին ու թուխ ու փղոսկր ու եբենոս իրենց մարմինէն, համաձայն սկզբնական երկրին, ուր բացին անոնք իրենց մորթերը արեւին։ Սրա՛հ, որ կը յիշեցնէ, կ’ոճաւորէ մզկիթի մը ներքնամասը, կամ ղազի սուլթանի մը դամբարանը, գորգով խղդուած, ջահերով ծաղկած, պատուհաններէն տաճկըցած, ու որմերուն՝ արապեսքներու մէջ սպառազէն բառեր, անուններ, ամբողջ երամ մը միջատներու, թրաձեւ գէլերուն բերնէն արտածորած պատկառանքին ու ահին մէջէն աստիճան մը աւելի խռովայոյզ, աւելի թուրք։ Ու կամարէն այդ ապարանքները, մանրադիր ապրանքներ ալ ունէին, քաղաքին այս ու այն մզկիթը կերպաւորող արծաթեայ աշտանակներ, վրայէ վրայ, գօտեձեւ ու բազմաստեղ, ասոնք ոսկի մատնոցներ, որոնց մէջէն մատերը, դեղնաւուն մոմեր, բոցը կ’ոլորեն ` ձայնին ի համբոյր ճօճուելով մեղմիւ։ Այս տեքորը մինակ պիտի բաւէր մարդերը «մահու չափ» յուզելու։ Բայց ահա երգիչը։ Կո՞յր. խեղանդա՞մ. խելագա՞ր. լուսնո՞տ. բանաստե՞ղծ, թէ հասարակ ստահակ։ Ոչ ոք հարցնէ պիտի այդ բաները։ Որ կը բանար, ծանր, ապրշում թելը իր ձայնին։ Առաջ քանի մը քուղով, բարակ ու բարակ, ձայն ըլլալէ աւելի քակուիլ մը կախարդ կծիկէ մը, այդ սկիզբը, բայց քաշուած ուղիղ, ըսես մէկ գիծով, քիչ-քիչ ամուր, աւելի յորդ, աւելի ընդարձակ։ Յետոյ՝ հաստատ, լայնքին ու երկայնքին առատ ու արձակ, ինչպէս ա ր քենի պողոտայ մը, որուն վրայ արշաւի են ելած մարդերը բզկտող, ուրախ կամ ս եւսիրտ, բա ր ի կամ գազան ընող բոլոր թաքնաթաքուր զօրութիւնները, սէ՛րը՝ որ ստաշխի նման կ’այրի, բայց չի սպառիր. նախա՛նձը՝ որ վարագոյրէն անդին սիրտերը ճեղքել կ’աշխատի, ու մաքրութիւնն ու մեղքը, բաժակ-բաժակ, աւազան-աւազան, երբեմն ծով-ծով, արքայութեան առքը ու արիւնին մղձաւանջը, որ կարմիր մառախուղ է ամէն թուրքէ ներս, կարաւան-կարաւան, խոնարհ կամ հպարտ, աճող ու պայծառ, ինչպէս ամրան արեւն է կէսօրէն առաջ։ Չկայ արուեստի ուրիշ բխում, որ այդ հարազատութեամբ պատկերէ ու խ ո րհրդանշէ Արեւելքը, որքան անոր կրօնական երգասացութիւնը։ Ու մօրուքուորներու շրջանակը կը դղրդի, խուլ ու դժնդակ, աքցանուած ձայնին մագիլներէն դէպի պողոտաները իրենց մեղքերուն, այն քառասուն, յիսուն, վաթսուն տարիներուն, որոնք ճակատագրին գիրքէն դրուեցան իրենց ուսերուն, ու սեփ-սեւ, շարաւ կամ գօսացում, անգթութիւն ու զրկանք, լեցուեցան ու նետուեցան ետ։ Տէրե՜րը՝ երբ կ’աղօթեն, կու լան ո՛չ իրենց ներկան, ոչ ալ ապագան, այլ՝ անցեալը։ …։ Ու ահա նրբացո՛ւմը, այսինքն՝ երկարումը թելին, հետզհետէ աւելի բարակ, բայց պողպատ, պիրկ՝ բայց խտացած ոսկի, ուրկէ կը զգայիր պլլուիլը երգիչին դէպի գագաթը ոսկեզանգ պատրանքին։ Հեւուն ու հեծկլտուն, ամէն րոպէ փրթելու, գլորելու վախին մէջ ճմլելով իր՝ ինչպէս լսողին սիրտը, կոծկոծուն ու իրաւ, այնքան տառապագին, այնքան սրտակեղեք, որ շունչը կը կենար մտիկ ընողին՝ զարնուած իր ալիքներուն ալ մէջը անժուժելի բռնութենէ մը, ճիշդ ինչպէս կը պատահի զգալ մեզի անձուկը՝ պարանն ի վեր շուլլուողի մը, որմէ քուղ մը-երկուք փրթին յանկարծ։ Կու գայ րոպէն, երբ կը փակենք մեր աչքը, ալ հանդուրժելու անկարող։ Ու գագաթումը, այսինքն՝ ձայնին սուրի մը սայրին նման ինքն իր վրայ շրջանումը, այսինքն՝ լայն, սուր կէտի մը վրայ մեր հոգիին հոլացումը, թեւատարած ու ծիածան, կաթ-կաթ բացուելով երկինքին անհաս լապտերներուն ծո՜ցը՝ իբր ծաղիկը մեր մեղքերուն։ Իբր պղպջակումը՝ մեր մաքրութեան։ Բայց պէտք է քալել, երգին սա սարահարթներէն, ուր մեզիպէսները տրեխ ալ չունին հանելիք։ Անկէ ետքը նահանջը, թեւամփոփ, տխուր, լալագին, մեղմ, վախկոտ, հաշիւով։ Որպէսզի չափես, ընդգրկումիդ մէջ, աղտն ու աղբը մեր ոլորտին, ա՛յն՝ զոր չենք բանար շատ, մեր մեղքերուն գաղտ ածուները, ուր շղթայուած են թարթափելու հոգիները մեր բոլորին։ Յետոյ, աւելի քիչ, աւելի մեղմ, աւելի հաշիւով՝ փոխուելու չափ տարօրինակ գլգլուքի մը, ձայնէ դուրս բանի մը, որ կը հոսի, բայց չկայ, սըլուըլում մը, շշունջ մը, վարանոտ, խարխափուն, աւելի վախկոտ, ամէն րոպէ փրթելու վրայ, բայց կանգուն, յստակ ու բաւական ալ թանձր, որպէսզի մարդիկ անոր դերբուկներուն կառչիլ կարենան, անոր ետեւէն իջնալու, իջնալու համար միշտ աւելի ցած, հողին երեսէն ալ վար, դէպի անդունդ սիրտը մեր աշխարհին, մեր գերեզմանը, ուր կը քաշուին ի վերջոյ այդպէս դիզուելու, մ ր րանալու սեւ զօրութիւնները մեր մեղքերուն ` սպասելու համար ծաղիկները թռիչի՜ն՝ դէպի ուրիշ աշխարհներու արքայութիւնը, մինչեւ որ թուլութեան, անփութութեան հովեր փարատեն աղջամուղջը այդ խորքերէն ու առիթ տան մութ ուժերու, որպէսզի բարձրանան կրկին, պատռտեն կուրծքերը աղջիկներուն կամ մանչերուն. առնեն, գրաւեն գահը անոնց երազներուն ու տառապանքը հեղուկի այդ երկինքներէն՝ սեփական անձին ու շրջապատին։ Սուտ չէ մտածումը, որ մեր ողբերգութեանց հնոցը կը զետեղէ մեր զգայնութեան անդունդին խորը։ Ու կան երգեր, որ կը պատկերեն այս դժնդակ ալշիմին ։ Ու կան երգիչներ, որոնք կը խորանարդեն առաջին կարողութիւնները պարզ յօրինումներուն։ Դրէք այս մարդոց պարունակին տասնհինգամեայ հոգիներ, կրկնօրէն պատանի (վասնզի մանուկ չեն եղած) ու Արեւելք, որոնց զգացումներու բջիջները իբր արարչանիւթ ունենան քանի մը հազարամ անասնութիւն, վայրագ ու գեղեցիկ, մերկ ու բացարձակ, ինչպէս ապրեցան թուրքերը Կասպիցը չանցած, ու դեռ կ’ապրին հոն։ Ու Արեւմուտք քշուած սա տղոց երակներուն մէջ կը պտըտի սակայն քանի մը դարու մեծվայելչութիւն, ծովի պէս արիւն, փառք ու յաղթանակ, ու գինովութիւն, ու սերմ, ու սպանդ, ինչպէս ապրեցան թուրքերը, երբ անցան Հայկական բարձրաւանդակը ու հոսեցան Վոսփորէն անդին։ Ժառանգականութիւնը, գահընկէց տարազ, ոչ մէկ ժողովուրդի մօտ կիրարկելի է այնքան օգուտով, որքան թուրքին մօտ, որպէսզի բացատրուին ահաւոր անկարելիութիւնները անոնց պատմութեան՝ ինչպէս անհատական կենցաղին։ Ո՞ր դժոխքէն պէտք է արտագրել օրէնքը, որ մեզ ընէ ատակ ` ըմբռնելու համար անասնութիւնը ճիւաղին, Գերմանիա ըրած ու Ֆաուսթ ծափած, բայց երկիր դարձին, կրկնօրէն տաճիկ, մեծ խաղաղութեամբ երկամեայ մանկիկ մը ոտք է ն բռնելով գլխիկը երկաթուղիի անիւին զարնող։ Ո՞ւր են գիրքերը, որ այդ խժդժութիւնները մարդկայնացնեն։ Հարկադրա՞նքը անոնց պապերուն։ Ո՜վ գիտէ։ Բայց ուրիշ չէին անոնք, Գերմանիա չրած։ Ու անոնց որդինե՜րը։ Փաշա՝ ծնունդով։ Պարունակին մէջը ուրիշ երգերու։ Դրէք այս տղոց զգայարանքները ընտանի շրջանակի մէջ, իրենց հօրը ապարանքներուն ժամեր տեւող պարտէզներէն դուրս, հինաւուրց տաճար՝ այս անգամ ուրիշ աստուածութեանց, ե օ թը հեղ հսկայ ու դարաւոր սօսերու շուքով։ Պրուսան, իր Ջերմուկներու մարզին մէջ ունէր անոնցմէ։ Իմ տղայութեանս քաղաքին հին միջնաբերդը այդպէս հովանաւոր աւերակներու համապատկեր մըն էր, զոր մեծբուխ ջուրերը կը բիւրեղէին քիչ մը վրանին լարած հսկայ սօսերը ով գիտէ ո՛ր իշխանական մատերէ հոդ վարսուած։ Ու անոնց ոտքին արօ՜տ, գեղանի, պարարտ։ Ու մեծ ծառաստան, նոճ ու շագանակ։ Ու ջուրեր, առուակ-առուակ, որ կը հոսին իրենցմէ աղմկոտ, ա՛յնքան՝ որ մերկ են անոնց անկողինները։ Որոնց եզերքին՝ քաղցր հասակները թաւուտներուն, ամէն կանանչէ ու ամէն հոտէ։ Ու թաւո ւ տէ թաւուտ, հեշտութեան մահիճներ, յարդարուած խոտին իրանէն ու ծաղիկին բաժակէն, ու բո ւ րումնաւէտ։ Տերեւը՝ վերմակ։ Դրէք երգիչը, կոյրը կամ ոչը, բայց կտաւէն նոյն, այդպէս սեւաւոր բիբէն ու մորթէն ու այդպէս անհուն։ Տուէք անոր ձեռքը ձեր ուզած գործիքը։ Ճիղճ ու խոցոտ, ինչպէս պատահելի են այս կարգի նուագարանները մուրացիկներու անութին։ Ու բացուի ձայնը, կլոր, ու կլոր վեր ու հեռու, մինչեւ որ թաւուտներու խորշիկը պարի մեծ սրահ դառնայ անոնց մտքին ու աչքին առջին։ Կա՛լ։ Ուրկէ ծաղկին աղջիկները, ինչպէս գինիէ բխած հարսնուկներ, ու մարմին դառնան, ու խռովք դառնան, ու հեշտանք դառնան ` հրաշքի մը շրթներով վերածուելու համար ուրիշներու, այս անգամ քաղաքէն բերուած, թաւուտին պահուած ու մէջտեղ նետուած ` պարելով, պարելով, հետզհետէ թեթեւնալով, քակուելով շղարշին փրփուրէն, մնալու համար մարմարի պէս մերկ, ու թրթռալով՝ ինչպէս ոստերն են վերէն, ու խենթենալով՝ ինչպէս սիրտերն են տղոց, ու վազելով իրարու՝ ինչպէս գիրքերու վարկածներուն մէջ հիւլէները կը վազեն իրարու ` շաղապատուելով, իյնալով գետին։ Սեւ ու կոյր բերանէն երգը թող դողայ անոնց համբոյրէն։ Ո՜վ պատանութիւնը տղոց, որոնք ոճիր, փաշայութիւն ու սակառով թուզ պիտի գտնեն իրենց սկաւառակին վրայ, երբ կը հասուննան։

Հասկնալի՝ քոմանտան փաշան, երբ մեծնալէն ետքը արեւմտեան երաժշտութենէն իր օտարութիւնը ջանաց արդարացնել, ազգային ազդակներու կեղծ նեցուկներով։ Հասկնալի՞ իր մոլեռանդութիւնը, արեւելեան երաժշտութիւնը փառաբանելու, երբ արեւմտեանին հետ անոր մտքին կը ներկայանար, միշտ ալ, իր մէկ կորանքը, արդիւնք՝ իր պայծառ թ ր քութեան, քանի որ սենեակի մը մէջ դաշնակ նուագող աղջիկ մը համբուրած էր բռնի ` ապտակին ցաւը ծամելով այտերուն համին հետ։ Գերման աղջիկնե՜րը։ Անոնց համին հետ կապուած գերման, այսինքն՝ արեւմտեան երաժշտութիւնը։

Վրէժ լուծելու թուրք եղանա՛կը։ Որ նորէն ըլլալու էր բաւարար պատճառ, որպէսզի երիտասարդութեան հանգումէն ետքն ալ անիկա շարունակէր քաջալերել, առատ դրամով ու, բարեհաճ փաշացու հետաքրքրութիւնով բոլոր անոնց, որոնց խռչակին խողովակը ուրիշ կաւէ էր շինուած, գեղերու խեղճուկ մինարէներէն երբեմն այնքան անուշ, քաջոլոր ձայնով տղաքը, անօթի յաճախ, Ռամազանին, ժում մը հացով մինարէ ճարող, ու «ճպուռին պէս իր երգովը ինքը կշտանալով», ինչպէս կը պատկերէ ձայնին առքը մեր հին մէկ մատենագիրը։

Հասկնալի՞, քոմանտան փաշան, որպէսզի յիսունին հասած, ահագին կոյտովը փ ո րին, զոր տեղափոխելը ճշմարիտ տաժանք էր անոր նիհար սրունքներուն, հազէն նիզակուելու գնով, կնիկէն ու աղջիկէն այնքան սերտօրէ՜ն կրկնուած, առնէր աչք թափառիլ սա ժամերուն բանտին աս ու ան խորշերը վերագտնելու համար մէկ քանին այն յուզումներէն, որոնք սատափուած էին անոր ջիղերուն, այդ հեռաւոր, կապոյտ, բայց տխրօրէն թշուառ օրերէն, երբ պարուհիները տարածած բազուկներուն վրայ, անոնց պորտին մէջ թաղելով իր գլուխը՝ կը թռէր գետնէն, երգի մը, դափի մը, գեղջուկ սազի մը զգլխիչ հանդէսին մէջ ու կը տապալէր, յոգնելէ աւելի՝ հոգիէն բեկուած, չգտնելուն՝ ինչ որ մեր անասնութիւնը կը հոտոտէ միսերէն անդին։ Հիմա, ծանր, պետական անձնաւորութիւն, մեծ պաշտօնատար, իր շուքէն զատ կնոջ ալ շուքովը ծիրան ա ւոր, քոմանտան փաշան այսքան փառքի տակ եղկելի խլեակն էր իր պատանութեան, որ կ’ուրանար ինքզինքը, գէթ մութին մէջէն ու ականջ կու տար իր հին, այնքան ալ նոր երգերուն։ Ինքզինքը կրկնել։ Այս է գիրը մարդոց մեծ մասին, քանի որ կեանքը այն օրէն քիչ տարբեր պիտի ձեւուի անոնց մեծ մասին։

Ինքզինքը փնտռե՞լ։ Ասիկա գիրն է խենթերուն, որոնք պիտի փակեն իրենց ոտքին՝ ինչպէս ուղեղին ծխնիները, ոչինչ գտնելով։ Ինքզինքը գտնե՜լ։ Մեծերն են ասոնք, սրբութեան գնով։ Ոճիրի գնով։