Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Երգի կտո՜ր։

Տակաւին շատ ուրիշ բաներ է անիկա։

Մոխիրնոցէն ներս, մուշտակ շինող աղքատ Ղազարոս էֆէնտիին համար, անիկա կարմրցուած շիշն էր հեքիաթին, որ կ’անցնի մարդոց սիրտերէն, մէկ կողմէն միւսը, ճենճ-ճենճ, այրերով միսը՝ ինչպէս մտածումը։ Հայ էր անիկա ու իր տղայութեան լացած, որդիները ողբաձայն կանչող մօր եղանակէն։ Ան ալ այցուած էր խուլ այն խռովքէն, որով անկախութեան երազը ինքզինքը մշուշեց ` նման երգերէ ծորած հոսանուտով։ Ու յո՛յսը։ Որ այդ մօր ողբը պիտի վերածէր յաղթերգի։ Պիտի մաքրէր անկէ տրտմութեան ձիւթը ` զայն վերածելով խարտեաշ ու խանդավառ բանի մը, բերելով մեր հոգեդաշտին վրայ, իբր նորոգեալ հորիզոն համապատկերը ազատ, ազատուած ժողովուրդներուն։ Հեքիաթ չէ ասիկա։ Պատմիչ ըլլալու հարկ չկայ, այս ստուգութենէն տառապիլ կրնալու համար։ Աւելի՜ն։ Եղանա՛կը այն ահաւոր ջախջախումին, որուն նմանը թուրքերը միայն հնարել գիտցան, երբ պարտուած ժողովուրդները խղդեցին արիւնին ու հեշտանքին հանրամատոյց հեղեղին տակ, ու ադ սխրագործութեան ականատես ողջ պահեցին բաւական վկայ ` վերածելով զանոնք աւերակներու մէջ խարսխուած ուրուականներու, որոնց արգիլուած ըլլայ նոյնիսկ հանգիստը մահուան, որպէսզի չմնայ կիսատ տանջանքին բաժակը։ Ինչո՞ւ այդպէս։ Չէին հարցներ ատիկա հեղեղին՝ որ կ’ ե լլէ հունէն ու կը քանդէ ապատները։ Կրակին՝ որ կը պլլուի զ եղակերտ պալատներու եւ կ’ուտէ զանոնք ` առանց խղճալու։

Երգի կտո՜ր։

Ո ր տակաւին ի՜նչ ուրիշ կրակներ կը փոխադրէ միջոցէ միջոց ու սիրտէ սիրտ։ Որ չի զատեր սեռն ու տարիքը, ինչպէս ցեղն ու կրօնքը ու կը բռնանայ, մեր բոլորի՜ն։

Աղջիկներո՞ւն։

-Հարկա՜ւ։

Ամէնէն շատ գուցէ անոնց։ Անմշակ հողն է, որ առատ բերք կու տայ։ Ու կար ատեն մը, երբ աղջիկներուն հոգին պատկեր էր անհերկ պարտէզին։

Կա՞ն այդ աղջիկները, տակաւին հիմա, տագթի չսորվա՜ծ՝ իրենց սիրային նամակները չէզոք թուղթի վերածելու չափ։ Որոնք սնտուկ չբռնեն, փաթրոն ներուն ժպիտէն լզուելով, կամ ասեղի մը բարակ մարմինը չվարանին փոխել աւելի հաստին։

-Կայի՞ն։

Դիւր ի ն է հարցնել։

Ո՞վ, ադ աղջիկները։

Ոչ անշուշտ, ինչ որ ալ վարժուած էք ունենալու ձեր նայուածքին տակ հետզհետէ տիպարի վերածուող, մեր ժամանակին ծաղկած բանուորցուն, որ դպրոցին մէջ կը սորվի յոգնիլ, կը ճանչնայ արուն, կը չափէ անոր հոգեկան առանձնութիւնը ու կը զատէ զայն՝ վայելքի եղջի՜ւր՝ մեղրի տեղ կրակ ու խուլ տրտմութիւն ծորող, առանց քաղցրութեան ու առանց սիրոյ։ Դարձուցէք ֆիլմը։

Ձեր գտնելիքը չէ մեր հին ընտանութեան մէջ ամրածածուկ ձեւը, որ սեռին չհասած, իր մօրը կողմէ «երեսի ջուրով» իր տիրոջը կը յանձնուի կեսրոջը ծոցին հասուննալու համար, աւելի մտերիմ, աւելի ապահով ու առողջ։

Դուք՝ որ այս տողերը կը կարդաք, խորհած ունի՞ք ձեր մամերուն, որոնց կէսը այսպէս են ճարած իրենց սեռը եւ որոնց մայրերը հարս էին տասներեքին, երբ մեր օրերուն այդ տարիքը հազիւ է տղայ։ Բայց ճիշդ է ասիկա, դարերով, մեր գեղերուն վերեւ, ու ճիշդ է գուցէ ուրիշ երեսով։ Պա՛րզ, մէկ կտոր էակ, առանց շեղումի ու առանց սիրոյ ` բառը առնելով այսօրուան ռոմանթիզմով, այլ՝ համեստ սնտուկ, զաւկի պահարան ու հացի մեծ տաշտ։ Ուր պահ է դրուած հունտը մեր ցեղին, գեղացի աղջիկ։

Ո՜վ՝ ան միւսը, երգի սիրահար, քորսաժ էն թուլցած ու մեծ փնտռող։

-Ոչ սա մեր տարագրութեան քաղաքներուն շատ գիտցող էգը, որ քիթ է ամբողջ, ու շատ քիչով սիրտ, զոր բզկտել է տուած դեռ շատ պարմանի, հանդիպած մանչուն։ Գունաթա՛փ, (ինքզինքը մաշող), հպարտութեամբը սառած (ինքզինքը սիրող), դրամին դեղնախտովը զարնուած (ինքզին ք ը ծախող) եւ կամ կարուհի՜ն, որ էրիկէ յուսահատ կ’երթայ արուին, յապաղած ցաւով ու կը պառկի խեղճ, չվայլած՝ զզուող ու մարդէն կատղած։ (Անցա՞ն ձեր աչքերէն մեծ տեսակները այդ թշուառներուն)։

Հապա՞։

-Շատ ուրիշ բան մը։

Աղջիկը, թուրքերուն երկիրներուն վրայ ուրիշ բան էր, շատ ուրիշ բան։

Ու միտքս կու գայ, իմ տղայութեանս ամէնէն սիրուած գիրքէն հարցարան մը, Մարկոսեանի Քրիստոնէական էն։ Երանելի գիրքը հերոսաբար կը հարցնէր, աս ու ան խնդիրը դնելէ ետքը.

-Գոց գիտե՞ս…

Ինչպէ՜ս եռանդուն կը բանայի բերանս ` պոռալու մեր քնացած վարժապետին երեսին։

-Գիտե՜մ…

Հիմա, ուսանող ուրիշ վարդապետութեանց, կը պատասխանեմ նուազ եռանդով.

-Հատ մը անոնցմէ։

Աղջիկն է անիկա, թուրքերու քաղաքին։ Պզտիկ, վարդագոյն բանը, զոր դիւրաւ շփոթէիր պիտի պուպրիկներուն հետ մեծ վաճառատանց վիթրին ներէն, ժպտագին նայող։ Որ, հինգը անցած, չէզոք չէ արդէն, պուպրիկն ու գոհարը, վարդն ու մետաքսը իրար շաղուըւած, երբ կը թրվռայ՝ մօրկանը մատներուն՝ մազերը հալած ոսկի ընելով։ Անցնի պիտի անիկա դալկութիւններէ, խուլ կարօտներէ, հեռու մայրիկին անծանօթ ցաւէն, շաքարին բեռէն ու ոսկիին դեղնութենէն, շփացուած, պուպրիկուած, անդիմադրելի, պալատէ պալատ, երբեմն արքունիքէ արքունիք, կառք մը սպասաւոր ու կառք մը ներքինի ձգած իր ետին, տասնէն նոր ելած, երբ կ’անցնի իր գահաւորակով, մօրը կուշտին, նկարչի վայել ներդաշնակումով ` պատկեր կազմելով բեհեզէն ու թաւիշէն, կարկեհանէն ու զմրուխտէն, ծարիրէն ու կնդրուկէն, իր դէմքը ըրած մայրիկին սոզին (թշուառ այդ քերթուա՞ծը, զոր կը ստեղծէին թուրք կիները ` քողին բանտուած իրենց երեսները այդպէս փոխադրելով իրենց աղջիկներու դէմքին, թելադրել ձգտելով խռովքն ու գիտութիւնը վառին տակ բաբախուն հրաշքին), կատարեալ նկար, բնագիրը արժեւորող ճարտարապետութեամբ։ Անոնք՝ որ արքունի մահիճներէ անցան, այդ սուղ երազէն պիտի պահեն անշու շ տ թել մը ոստայն։ Զոր պիտի դնեն իրենցմէ փրթած սա կտորիկին։ Ամէն մայր թագուհի է, գոնէ աղջկանը վրայով։ Ու զաւակը թռի պիտի գերուհիներու ուսերէն ուրիշի ուսին։ Թող անոր մայրը պատկերին դիմաց դառնայ բանաստեղծն ու զայն նմանցնէ իր ուզած բանին։ Անիկա պատուհաններէն ցաթող վանդակ շուքերով սրահներուն մէջ պիտի թրթռայ, մեր քերթողներէն այնքան անխնայ լլկուած հովին, զեփիւռի՜ն թեւովը։ …Զարդ մը, անիկա, այդ մեծութիւններուն, փայլին հակառակ, հորձքին հակառակ, խորքին մէջ տրտում, վասնզի կ’ապրի անիկա մօրկանը կարօտ։ Թրքուհին, իշխանազունը, ատեն չունի մայր ըլլալու, իր բոլոր րոպէները յատկացուցած ըլլալուն՝ կին մնալու ։ Անոր աղջիկը՝ այդքան կանուխէն՝ իշխանուհի, տասնով, քսանով կիներու գլխուն։ Աղ ջ իկնութիւնը ոսկեդարն է թուրք կնիկին։ …։ Որ, տասնէն նոր անցած, հասուն է արդէն, բայց դեղնախտաւոր հասունութեամբ մը, փակ ու մռայլ խորհուրդովը պալատին, արուի կառոյց, հսկայ ջերմանոց մարդկեղէն հազուագիւտ տունկերու, խնամքով ճարուած չորս աշխարհներէն, ամէն երանգով ու ամէն բոյրով, Կովկասի սարալանջերուն՝ ոսկի մաքրութեամբ ու մարմար ծոցով աղջիկներէն մինչեւ Ադլասի խորշերուն նրբազարմ, շղւուն 1, սաթ ստինքներով աղջիկները, որոնք մահիճէ մը ներս եղնիկին թռիչը եւ վագրին շրթները կը փոխադրեն ու իրենց թեւերը կը հիւսեն մարդոց միսերուն, պոաներու պէս խոր, սպաննող ճնշումով, ու մինչեւ կրակի չափ վառ արգանդներով սեւութիւնները, որոնք սեռը կը սպաննեն ` իրենց մարմիններէն հանելով այնքան բռնութիւն, բոլորն ալ ճարուած վայելքին համար, տանջանքին համար, ու մաշարայօրէն հատնումի համար մեծ փաթթոցներուն մեծ գազաններուն։ Հասո՛ւն, պարտէզներու մէջ, զոր մեր հօրը ահը կը շահի բռնի, աղքատէն՝ ինչպէս հարուստէն (մեծ կալուածները բռնագրաւումը ունին իրենց ծագումին) ու լեռներէն ու դաշտէն։ Զոր հարիւրով մարդոց քրտինքն ու եղունգները կը յարդարեն, կը սազեն, կը ծաղկեւորեն՝ իր ոստիկներուն, ու իր մատներուն ու իր ռունգերուն վայելքին համար, երբ վարդէ մը աւելի պերճ այտերով պահուըտուք խաղայ, ինքը իրեն հետ աւազաններու դէմքին։ Ո՜վ մանկութիւնը պալատի աղջիկներուն, ձգուած ժամեր տեւող այդ պարտէզներու ամայի արութեանց խռովքին դիմաց։ Մեր կեանքը սուտ երազ մըն է, կ’ըսեն հնդիկ գիրքերը։ Ո՞ ւ ր չ է ատիկա։ Ի՞նչ դիւր ի ն է ըսել ու անցնիլ ու չծանրանալ, թէ ի՜նչ ծուէններով կը շինուին աղջիկները տասնէն տասնհինգ, միշտ պալատէ պալատ։ Մեր արուեստը, հասուն մարդոց ձեռակերտ, անոնց զգայութիւնները միայն յաջողութեամբ ու խնամքով կը տարազէ ` հպանցելով հարուստ, գերազանցապէս արգաւանդ աշխարհին, որ երկրորդ մանկութիւնը ու անդրանիկ պատանութիւնը կը պարունակէ։ Զգայութեանց մէջ թարմութիւն, ինքնութիւն, խորութիւն՝ հոգիին մէջ աղջնակին, որ կը հանդերձուի սեռին մեծ գոլին։ Բայց պէտք է քալել ու հազիւ դպիլ ուրիշ բաներու, միշտ այդ աղջիկներէն՝ աննկարագրելի (որովհետեւ ընդզգացուած) այն տրտմութեանց ու մռայլ հաճոյքին ու ջախջախուած գարունին, զորս կ’ունենային սաւանին առջեւ թրքուհիները այդ օրերուն, զիրենք լրջութեան ու գիտակցութեան կանչող շղարշ այդ բանտէն, ա՛լ վերջնական, մինչեւ գերեզման։ Ես ունիմ իմ յիշատակներուս մէջ մէկը այդ տեսիլներէն ու ինծի տրուեցաւ արցունքը ունենալ տասներեք տարուան աղջ ն ակի մը, որբուհի, ինծի հետ աշխատող, շերամի հունտերու վաճառականի մը մօտ, ամրան արձակուրդներուն։ Երկու տարի անիկա քրիստոնեայ աղջիկի մը պարզութեամբը հեռու էր զիս յուզելէ։ Երրորդ ամրան, սաւանը զինքը փոխակերպեց ու լացուց, խոր։ Չէ՞ր գիտեր ինչու լալը։ Բայց անոր ձեռքը սառ էր ափիս մէջ, մութ թաւուտներէն ներս ու կու լար ժպտելու համար ինծի…։ Ողբերգութիւն մըն է այս պատենաւորումը, որուն վրէժը կ’առնեն աղջիկները ` իրենք զիրենք խաթարելով վաղաժամ։ Բայց պէտք է քալել ` դպելու համար այն խուլ ծփանքներուն, որոնք կը յառնեն աջէն ու ձախէն, նոյնիսկ հօրեղբայրներէ ու անոնց մանչերէն, մօրեղբայրներէ ու տան գերիներէն, բոլորն ալ մ օ տիկ, դիմակով տարբեր, բայց իմաստէ նոյն։ Արեւելքի մէջ արուն շատ սեղմ կերպով կապուած է իր տարազին։ Ու աղբիւր է ան ալ յուզումներու, աւելի որոշ ու աւելի հաստ, աս ու ան դէմքէն, հեւքէն ու ձայնէն, երբ պալատական աղջիկներու անզբաղ ոտները կը դեգերին մութ, ամայի նրբանցքներուն բաւիղներէն ու անոնց հետաքրքիր աչքերը կը յանդգնին ծակել կիսամութը հեռանկեալ խորշերու, պաղ, մենաւոր, բայց ուր, յեղակարծ, կին մը կը բուսնի, սաւանէն սեւցած, իր շուքին մէջ պարտկել ջանալով ուրիշ սեւութիւն մը, գռուզ ու խորտուբորտ, որուն մորթն է սաւանին կերպասէն եւ զոր կը մատնէ աչքերուն դեղինը ու ատամներուն փղոս կ ր բանուածքը։ Ո՞վ՝ սեւերով կնիկը։ Գո՞րծը։ Ու աղջնակը պիտի հարցնէ ատիկա իրեն, յետոյ՝ իր քրոջը, յետոյ՝ մամային, անոնցմէ առնելով նոյն պատասխանը։– Պալատներուն մէջ մարդերը շատ քիչ բան գիտեն։ Հետեւեցէք այդ աղջիկներուն, երբ կը թարթափին ուրիշ անկիւններ, այցուած մեղմ հծ ծ իւններէ, որոնք կան ու չկան, հեռու են ու քովդ, թաւուտէն կը յորդին, բայց կը թուին մէջէդ բուսնիլ, այնքան հաշտ, հեշտ, դաշն են անոնք քեզի, այնքան «դուրեկան»։ Բայց պէտք է քալել ` հանդիպելու համար ուրիշ ոստայնումներու, սարդերու ճարտարապետութեամբ, այլ պարտէզէ պարտէզ, մէկուն մէջ իրենք, միւսին մէջ անոնք։ Իրենք՝ խօսելով ժպտուն (որքան պարզ է այս վերադիրը, երբ վանդակով բաժնուած ձայնը կ’որակէ պարտէզէ պարտէզ), վճիտ՝ ինչպէս է հունչը ոսկիին՝ մարմարին վրայ, ու վրան իրենց կուրծքին ալ մարմարին։ Իրենք՝ թեթեւ երգ, շուար ու անուշ, զոր կը կոտրեն բառերու դանակները, պարտեզէ պարտէզ ` քերթուածը ընելով միսերու ձայն մը։ Անոնք՝ լայն, խոր, կարօտալից, տարօրէն խռովիչ, վասնզի ծանօթ, վասնզի խաղընկեր, մէկ - երկու տարի առաջ, հօրեղբօր տղաք ու աղջիկներ։ Զորս կը բաժնէ իրարմէ տասը կանգուն բարձրութեամբ պատը ` սիրտերը կանգունով կապելով իրարու։ Հետեւեցէք տակաւին անոնց ` այդ աղջիկներուն, մեծ պողոտաներու վրայ, դասակ մը ներքինիներու արձանատիպ թափօրին ընդմէջ, որոնք իրենց մտրակները կը բռնեն նոյն գիծի, ոսկեճարմանդ կառքերու թերասքող ու թափանցիկ վարագոյրներու ետեւէն, երբ կը նային մեղմ, ոլորուն, դնելով՝ երեսի տեղ՝ կաթէ կտոր մը, դռնակին ապակիին ու մազի տեղ փնջիկ մը բոց, որ այրէր դէմէն։ Օ՜, թրքուհիները Արեւելքի քաղաքներուն, այդպէս դալկութիւն ու հեշտանք, այդպէս դոնդող ու հրաւէր, «յամրընթաց, դագաղի պէս կառքերու խորը, ընկողմանած ու տրոփելով», ինչպէս կը նկարագրէ մեր բանաստեղծներուն ամէնէն բանաստեղծը, իւսկիւտարցի տղան։ Թրքուհինե՜րը՝ դաշտերու վրան, հովանոցներուն գոյնզգոյն գմբէթիկներէն ծիրանաւոր, ու լաչակին ձիւնէն ծաղկող աչքերով։ Բայց պէտք է քալել ` հանդիպելու համար տակաւին ուրիշ, ուրիշ բաներու, կասկածին ու կսկիծին, լացին ու ժպիտին, սեռին աքցանին ու մարմինին պապակին ընդմէջէն, որոնց իրերանցիկ ալիքներուն մէջ կը ծագի ինքը ` հասած աղջիկը, ծարաւ աղջիկը։ Երբ՝ կը յորդի ինքը իրմէ, իր միսերէն՝ կուղպ, կնքուած իր ոգին, աղջիկը, առնուած արբունքին հրավառ ու անսպառ խարոյկէն, սրբազան մորենիէն, անցած կրակէն ու նետուած անդին, ա՛լ բիւրեղացած, ա՛լ ադամանդուած, անշամանդաղ բաժակ՝ ու հանդերձուած՝ սերմին ցնցուղին։ Որ պիտի յամենայն խոշոր շուքերուն, խուլ թաւուտներուն, երեկոները, իր պարտէզին մէջ, շղարշը քամակին, զուարթունի թեւի մը նման ամփոփած, ախորժելով բեհեզին շունչէն հակառակ անկէ զգացած արհամարհանքին, վախնալով անոր կնիքէն ու անոր ստուերէն իր դէմքին վրայ, բայց զայն կրելով։ Փաշայի աղջիկները ուշ կը հասուննան, այսինքն՝ անոնց մայրերը շատ ուշ կը յօժարին անոնց նպաստէն, քանի որ աղջիկը կենդանի վկայութիւնն է մօրը։ Փաշայի աղջիկները անըմբռնելի բարդութեամբ արարածներ են ` կազմուած ըլլալով սա արագ վերլուծումին մեծ-մեծ լարերէն։ Ու կազմուած ըլլալով տակաւին՝ գերուհիներու, թշուառ բանուորներու, անկար ծերերու դառնակսկիծ հեղումին մէջը։ Միշտ ցաւագար նէնէ 2 մը, կամ ատոր արուն, այդ աղջիկները, օրանէն սկսած, կ’առնէ իր ոլորտին մէջ ու անոնցմէ ներս, անզգալի ծորումով կը հոսեցնէ ինչ որ իր անմռունչ ողբերգութիւնը եղաւ, այդպէս մեծերու փառքին խեղճ ու խղդուած։ Այնպէս որ, տասնհինգ տարի ետք, այդ բազուկներէն դուրս պրծող աղջիկը ցաւոտ է ու սեւ, հոգիին ալքէն։ Ու ահաւո՛րը՝ քաշուած դէպի զգայութիւնները, որոնք զինքը կազմող էակներունը եղան։ Վասնզի գիտցէք, մեր հոգին ալ ֆիզիքական գոյութիւն է ո ւ կը շինուի մեր միսերէն, որոնք կը յարդարուին մեզ շրջապատող ուրիշ միսերէն։ Մեր մայրը, իր պալատներուն ու սէրերուն ետեւէն, մեզի չէ եղած։ Ու մենք եղած ենք մեր նէնէինը, տատա յինը, հալա յինը։ Ադ է պատճառը, որ անիկա փնտռէ, այդ պարտէզին մէջ մատաղ բանուորը, ա՛ն՝ որ տժգոյն է, ինչպէս մութին հասունցող խմորը, հազիւ կրելով ծովը աչքերուն, զորս պարտաւոր է գետին խոնարհել, լեռ մը շրջողի ադլասեան տաժանքով, չիյնալու համար աչքին մէջը, ա՛լ քողուած պարիկին անփոյթ պչրանքով վա ռ ը իր նետած քամակին։ Ձեզի հեքիաթ կու գայ սա տեսարանը իշխանուհիի մը ու հիւղակի մերկ արարածի մը ընդմէջ։ Բայց մի մոռնաք, որ հեքիաթները եկած են Արեւելքէն։ Ու պալատները յեղափոխութեամբ մը դեռ չեն զրկուած իրենց հոյակապ պարտէզներէն։ Ու անոնց պարիկները դեռ չեն նետուած օտար աշխարհներ, աման լուալու, լուացքը ընելու, որպէսզի ապրին։ Այս պատմութեան օրերուն անոնք կան։ Ու կան՝ ահաւոր այս հակադրութեանց իբր նուիրագործում։ Ու կա՜ն, որպէսզի իր ցամաք հացին հետ, անոր ամէն մէկ պատառը կուլ տուած ատեն այսպէս տղեկ մը, այդ պատիւներուն մշտական գերին, մեծ հօրը գիծով, որ ա՛լ շարժելու անկարող հիւղակ կը պահէ, ծամէ այտիկը փափուկ աղջիկին, իր միտքին բոլոր կրակը փոխադրելով իր ատամներուն։ Այդ տղա՜քը։ Որոնց մորթին վրայ կտրուած, հատած բան մը կը զոփայ (ներեցէք այս գրական դարձուածքին), անօթի օրուան գունատ յոգնութիւնը, որով կը զատուին «մոխիր ուտողներու» դէմքերը «գինւոյ եւ ձիթոյ» բարիքներէն յղփացած դասակարգէն։ Որոնց մերկ սրունքներուն վրայ փուշերը արիւնեն գծած, սեւ, մութ, խիստ, տպաւորիչ՝ վասնզի անսպասելի այդ դալկութենէն, որ աչքերունն է ու այտերուն։ Բայց որ խռովի՜չ է՝ ինչպէս ըլլալ է ճակատագիրը մեր այդ հեղուկին։ Անօթի տղա՜ք։ Որոնց հոգին փաշաներու ամբարներուն չափ կ’ուռի (երբեմն կը պատռի նոյնիսկ) հոն ինկած աղջկան մը աչքին խմորէն։ Ու այս է եղերականը։ Աւելի՛ն. թող այդ աղջիկը ուշանայ, միշտ քողը քամակին՝ նման տղու մը մօտիկ, զայն չարչարելու, զայն լացնելու թաքուն հեշտանքով։ Ու դնէ զայն վար, ապերախտ գործի, տարապարհակի ` քիթին չառնելով կատարուած աշխատանքը, հողէն, ծառէն, ջրհորէն հասկնալու չափ վերակացուէն աւելի։ Ու յանդիմանէ խիստ իր բառերով, սպառնալիքով, բայց զգուշաւո՛ր՝ նախատելէ անոր աղքատութիւնը, տժգունութիւնը, աղտոտութիւնը` սպասելով անոր արցունքին, որ կը յամառի չերեւնալ կէս մը մութէն, շատ մըն ալ՝ ամօթէն, անոր աչքերուն։ Ու զայն արձակէ ` գրեթէ վռնտելով լեզուովը, բայց աչքովը շոյելով քաղցր, սգաւոր անոր տրտմութիւնը, մա՛նաւանդ ձայնէն ըլլալով անուշ, ըլլալով համբոյր (բառը գործածելով գիրքերուն իմաստովը), ու պահուիլ անցնի թուրքերուն ետին, մեկնողին տեղ ինքը լալով, բայց յորդ, բայց բարի, բայց հիւանդ, վաղահաս աղջկան խորունկ տագնապով։ Ո՜վ վայրագութիւնը, որուն կ’ենթարկենք մեր սիրտը մեզմէ ու դուրսէն, երբ պարմանի ենք, ու մեր շուքին մէջ տղոց հասակը կը կոխկռտենք, մեր խռովքին մէջ, մեզ խաբելու մեր ճիգը յանկարծ պատրելով ու մեր սուտին համար ամչնալ անգամ չկրնալով։ …։ Թող այ դ աղջիկը այդպէս դղրդուած, այդպէս հալածուած փախչի պարտէզներէն դէպի ընդերքը մեծ պալատներուն, որոնք վաղնջաւոր աւերակներու վրայ կը ձեւեն իրենց փառքը, ու յամենայ հոն, գետնայարկներու (առանց լուսանցքի), ցուրտ սալարկներու, ուր մամուռը իր բարակ մարմինները կը գծաւորէ։ Առանց աղմուկի, շղարշն ուսերուն, դէմքը հոլանի՝ անիկա պիտի բուսնի այդ խորութեանց մէջ, յաճախ առանձին, մոմի լապտերիկը պատսպարած իր մուշտակներուն մէջ, ինչպէս հեքիաթին փերին, ու զարնէ քարին, իր տոտիկները, որոնք ոսկոր իսկ չեն կրցած ըլլալ։ Հանէ մեծ խռովք, որպէսզի սաստէ, վանէ, հալածէ խեղճ աշխատողները այդ անդունդներուն, շղթայուած այդպէս, այդ յատակներուն ծանր, սեւ, խոնաւ գործերուն՝ ինչպէս են հնոցները, մեքենավարները մեծ շոգենաւերու ընդերքին։ Սեւ ծառանե՜րը՝ որոնց մեղքն է իյնալ իր անցքին ու չունենալ տեղ, երես շրջելու, ինչպէս կը պահանջէ անգիր սահմանադրութիւնը տաճկական պալատներուն, երբ իշխանուհիները կը հանէ պտոյտ, անոր ճամբան ընելով ազատ ամէն նայուածքէ։ Մարդոց որդիները պարտաւոր են աչքով խոնարհիլ հիմա, հարիւր տարի առաջ կռնակովին փոխարէն։ Սեւ ծառանե՛րը։ Որոնք այդպէս չարչարելէ յետոյ պիտի ուզէ հոդ, իրենց այդ դիրքով, հիացիկ՝ իրեն, վախէն դողահար, թարթիչներուն ոստայնէն լարուած դէպի իր դէմքը։ Ո՜վ մեր անգթութիւնը, որ անցեալին մէջ կը փորէր մեզ նայող աչքերը, բայց շրջուած միամտութիւնն էր դարձեալ։ Սեռը անգութ ըլլալէ առաջ՝ մանուկ է, այսինքն՝ անխելք։ Գո՞րծը՝ այդ ընդերքներուն։ Բայց աղջիկը տասը գործ չունի։ Մէկ ու միակ է ատիկա։ Ու հարկ չկայ անունը տալու։ Հետեւեցէք իրեն մինչեւ սառնի՜ ճ ը, խորհուրդով կառոյց, հաւանաբար հազարամեայ։ Զոր բարդ փակոցներ կը պաշտպանեն անզգոյշ ոտքերու ու ձեռքերու դիմաց։ Իշխանուհիները ո՜վ մռայլ առհաւութիւնը հողերուն ու վիրապներուն, որոնք չեն դադրիր իրենց քաշելու թուրք հանըմներն ալ, երբ բիւզանդական ու բիւթանական իշխանուհիները մարսեցին իրենց գէջ թոքերուն մէջ յաճախ բացած են այդ ծանր փակոցները ու իջած վար, ա՛լ վեր չելլելու։ Մինչեւ սառնի՛ճը։ Զոր կու տայ բանալ, բռնի ու անգութ, կը ծռի վրան, մինչ՝ իր շղարշը մետաքսի համբոյրի մը պէս կը քսուի բերնի մը նման, ինչպէս կը դողդղայ ջուրի երեսին, սիրահար բերնի մը նման, ինչպէս կ’ըսէ պատմութիւն մը, հոդ ինկած հարսնուկէ, այս պալատին մ էջ բուսած է՛ն աղուոր ծաղիկներէն, որ իր աղուորութիւնը քաւելու համար իր ուղեղովը, այսինքն՝ ուրիշ հանըմի մը հարկադրանքին տակ այդպէս տարուեցաւ անոր, սառնիճին մուտքին, հագուած, իր ամէնէն շքեղ զգեստները, որոնք կիներուն մարմինը այլապէս զգլխիչ կ’ընեն, երբ ճաշակէ ու ճոխութենէ պաշտպանուին հաւասարապէս։ Ո՞ւր։ Մի հարցնէք նոր հարսներուն, թէ ինչո՞ւ կ’աճապարեն դառնալ իրենց հալաւին։ Անոնք պիտի թռին այդ պատրանքին։ Անիկա հագաւ իր ամէնէն շքեղ զգեստները, միամիտ, անկասկած, ու քալեց դէպի ընդերքը պալատին, ետեւէն մեծ հանըմը ` փաշային կիներուն առաջինը, ու սուլթանի ծոց պառկած, ինչպէս է սարայլըն մեր այս պատմութեան։ Յետոյ՝ վիրա՜պը։ Սա ողբերգութիւնը, ճիներու հեքիաթի մը պէս խոր ու իրական, սարայլըին աղջկան մատաղ օրերուն, բանուած է անոր ուղեղին, ինչպէս մարմարի վրայ արիւնոտ, բայց անջինջ նկար մը։ Ա՛յնքան՝ որ անիկա ապրեր է այդ տրամը իր երազներուն մէջ, սա իր պատկերով, շղարշն երեսին, երբ կը նայի ցած, սեւ այդ երեսին։ Ան վախէն կ’արթննայ լալով, մաման կանչելով, որ չկայ։ Ու կը զգայ քովիկը, պառաւ մատները հեքիաթն ըսողին, որ կը մեղմէ անոր սարսափը ` մեղմ երգելով եղերական դրուագը ` ժողովրդական յօրինումէ մը փոխ առնուած բառերով։ Արցունքը, աղաչանքը զոհուելիք հարսին։ Անգթութիւնը, սառնութիւնը զոհող հանըմին։ Ժողովրդական երգերը երբեմն հարց-պատասխանիով կը կերպադրեն այդ խուժդուժ տեսարաններուն ահաւոր սարսափը, խեղդելու չափ, լացի մէջ, ունկնդիրը, մա՛նաւանդ՝ երբ անիկա վար է տասնէն…։ Մինչեւ որ, չորս սեւ ձեռքեր, Արաբիստանի փայտէն, կապեն հարսնուկին թեւերը կռնակին, ու անոր ոտքի կոճերուն հանգոյցով ամրացնեն յիսուն օխանոց քարը, ա՛ն՝ որ կը նստի հիմա փակոցին վրայ ` պաշտպանելու համար չարագուշակ վիրապին բերանը անզգոյ շ կամ յուսահատ աղջիկներու հետաքրքրութենէն։ Յետո՞յ։ Այո՜։ Բերանը կապած անոր հարսնութեան շարովը իջեցնեն ցած ` առանց աղմուկի ու առանց գութի։ Ու գոցուի՜ փակոցը։ Դուք եղէք աղջիկ, ունեցէք այս դրուագը ձեր մտքին խորը, ու այցելեցէք խաւարին սա արքայութիւնը։ Պիտի փնտռէ՞ք հարսնուկը, որ կրնայ, հրաշքով, բխիլ այդ ջուրէն, ինչպէս երդումով կը հաստատէ հեքիաթը լ ա ս տ ակեր տ ող պառաւը ` զայն ըլլալով տեսած, իր աւրուած աչքերուն տկարութեան հակառակ, տարիին մէջ, որոշ գիշերներու, երբ քաղաքին միւս ծայրը հարսնիք են բռնած նոր պէյերն ու փաշաները, իրենց թմբուկներուն, ու դափերուն, ու զուռնաներուն մեծ համերգը մութին փորէն կը կոտտայ անդուլ, ճիները անգամ պատրելու չափ համով, որոնք երբեմն կը վազեն այդ հանդէսներուն, իրենց հարսներն ու փեսաները ոսկիով ու ադամանդով մանրանկարելէ ետքը ` անոնց մէկ թիզ հասակին վրայ զետեղելով ամբողջ Արեւելքին պահծու գանձերը։ Այդ գիշերներուն, ան ալ, վիրապին մէջ, այդպէս հարս մնացած կինն ալ կը լսէ երգ, կը դպի ճկոյթին ծայրովը կափարիչին, որ թուղթի պէս տեղի կու տայ ` իր վրայի քարն ալ աւազի հատիկ ընելով։ Ու կ’ելլէ անիկա դուրս, հագուած իր ամէնէն շքեղ զգեստները, բարի ու խելօք, մահուան մէջ անգամ հաւատարիմ իր հոգիին օրէնքներուն։ Ու կը կրէ իր ափին մէջ իր սիրտը, անարատ հաւկիթ, լոյսէ գունտի մը նման, որուն վրայ մեր մեղքերը սեւ բիծեր կը դնեն, տարուէ տարի։ Երանի՜ անոր, որ այդ հաւկիթը ճերմակ է պահած…։ Արեւե՛լք, հազար ու մէկ գիշերները դուն չշինեցիր։ Անոնք հասուն պարտէզներ էին քու ժողովուրդներուդ հոգիին խորը։ Անոնք գեղակառոյց պալատներ էին անոնց երեւակայութեան դաշտերուն վրայ, այդպէս պաճուճուած արիւնով ու սեռով։ Ու դուն ես դարձեալ, որ կը վարես զիս, երբ պալատներու կեանքին մէջ գրիչ կը փորձեմ ` զիս առնելով իրականութենէն, նետելու համար քու յաւիտենական յորձանքներուդ։ Ու չես վախնար զիս վտանգելէ, երբ քու դիւթական անցեալդ ոսկի վարագոյրներու պէս կը կախես իմ թարթիչներուս, մերօրեայ կեանքին դրուագումին համար մշտասեւեռ բիբերուս դէմ փռելով կախարդութիւնն ու հեքիաթը, որոնք երկու թեւերդ եղան, դարէ դար։ Թուրքերուն պալատը այսպէս ոսկեզօծելու սա անգթութի ւ ՜նը։ …։ Արեւե՛լք, ներէ, որ քալեմ։ Ու քալեցնեմ ինծի հետ սարայլ ը ին աղջիկը մինչեւ բաղնի՜քը։ Խորո՜ւնկ հեշտարան, որ Արեւելքն է, այս անգամ մարմար, այս անգամ շոգի։ Ուր ջուրը գետնէն դուրս կու գայ, հողին մութ կեանքին ամբողջ ջերմութեամբը, եռալով իր ակին վրայ ու փողրակուելով։ Մարմարը, անոր յատակին, դեղին ոսկեջուրով մը կ’օծուի։ Աւազաններ ու աւազանիկներ անոր մարմինը կը խորշաւորեն, կը կլորցնեն։ Ու ոսկի փողրակներ, այդ հողային ջերմացած իգութիւնը երբ կը հեղուկեն, շատրուան-շատրուան, մեղմ մրմունջի մէջ, կը թուին երգել հոգին բիւր-բիւր կոյսերուն, որոնք այդ ջուրերուն մէջ խեղդուեցան, քաղաքին գրաւման պահերուն (քանի՜ անգամ տէր է փոխած սա պառաւ քաղաքը), մորթուելէ առաջ հոդ նետուած քիչ մը։ Հեքիաթն ու թուրքը իրար չեն հերքեր։ …։ Սատափ դռնակներ։ Ոսկի սանտալներ։ Ու գմբէթներէն ծիածանները ապակիներուն։ Ու կամարներէն ոսկի կաթիլները անձրեւին, որոնք կիներուն դէպի ստինքը կը թ ր թռան վերէն, անծանօթ շրթներու նման ծծելու զանոնք։ Ու խելացնոր այս դաշնակութեանց ընդմէջէն, աղջի՜կը, երբ ձայնն ու մշուշը իրար կը պագնեն նոյն գուռին վրայ, ու իր մերկութեան վրայ՝ աւազանիկի մը գլխուն, առիւծի մը մարմար բերանը կը կողկողի, կարծես ցանկայոյզ, ու կու լայ, ու կու լա՜յ, ցանկալէ յետոյ, հասնիլ չկրնալուն։ Բաղնիքը պալատներուն, գոհարատուփի մը պէս սատափուած։ Ու հոյակապ՝ իբր անօթ, տաճար հեշտութեան, ուր կիները փրփուր կը դառնան վարդանալէ առաջ ու կը լքեն իրենցմէ, իրենց իգութիւնը՝ հաստ կամ նրբիրան ջուրերու գգուանքին, ծուփ ի ծու փ, զիստերէն ու երանքներէն, ամբարձուած կարծես արու երանգներէ՜, մեղմօրէն լզող ու արտասուահո՜ծ։ …։ Բայց պէտք է քալել։ Մինչեւ խոհանոց։ Տեսակ մը պալատ, թաւիշ աթոռներ։ Արծաթ սպասներ։ Ու հին-հին սաներ, յունական գիրէ արձանագրութեամբ, որոնք հազար օխա ապուր կը բաշխէին հաւանաբար, երբ Պրուսան մայրաքաղաքն էր սկսող թուրքերուն եւ անոնց ենիչէրիներուն։ Ընդարձակ։ Բաժան-բաժան։ Մէջէ մէջ սենեակներ, ու սրահներ։ Ո՞ր խորհուրդով ուրիշներու ապարանքին մէջ այնքան անկշիռ այս բաժինը հոս առած ըլլար այսքան լրջութիւն։ Ու մեծ բազմութիւն, ձիւնի պէս հագուած սպասեակներու, երկու սեռէն ալ։ Զատ աշխարհ մը, անիկա, իր մուտքի զոյգ նրբանցքներովը դէպի Կանանոց ու դէպի Այրանոց։ Վասնզի թուրքերը, երբ չեն ջարդեր, խոհանոցի հոյակապ հերոսներ են, հօրով ու մօրով։ Քոմանտան փաշան իր փորը կը պարտէր այս գեղեցիկ խոհանոցին ու հաւանաբար ֆիզիքի գիրքերուն վրայ աւելնալիք նոր իր գիւտերուն, որոնք զայն կը գամ էի ն իր մտածումներուն հեշտ գահոյքին։ Ըսէ՝ զատ աշխարհ։ Բայց որուն կեդրոնը ըլլայ հայաստանցի վարպետը։ Տրտում վարպետը, իր մօրմէն սիրուած ու ինք գիտէր ատիկա, բայց իր ձեւովը, այսինքն՝ ինչպէս որ ինքը կը սիրէր զայն։ Սէրը պզտիկներու հոգիին մէջ մօրէ նոր ծնած տղու չափ մերկ է։ Ի՜նչ հրապոյր, ի՜նչ ուժ է այդ յոգնած մարդէն բխածը։ Ի՜նչ խոր հաճոյքով ու լուռ թախիծով, անիկա, տասնամեայ աղջիկ, մինչեւ տասներկու, մինչեւ տասներեք, նստի պիտի, ինչպէս կ’ընէր ատիկա իր հօրը ` քոմանտան փաշային, վարպետին ծունկին, կամաց, կատու, էգ, քնքուշ, գրգռիչ մուշտակ, ոսկի, վարդ, ռեհան, բոլոր հոտերը ու բոլոր փափկութիւնները մէկտեղ, կարծես յատկապէս պատրաստած ինքզինքը՝ այդ գիրկին գալէ առաջ։ Նստի պիտի հոն։ Դարձնէ անոր տխուր գլուխը (ի՜նչ բառ է հարկաւոր՝ տալու համար մեր գլուխներուն բեկումը, երբ անոնց խորը հսկայ խեցգետինը կ’աճի մեր սուգին, մեր կործանած կեանքին, մեր անմուրատ սիրոյն) իրենին ու զննէ խոր, շատ խոր։ Ի՞նչը։ Սե՜ւն անոր աչքին, ոսպի մեծութեամբ, հեւուն ու կախարդ, ինչպէս է իրը, հայլիին դիմաց, երբ ընկղմի մէջը իր բիբին յանկարծ լայնցող, ծովու չափ խոր։ Աւելի՞։ Այսինքն՝ ինչ որ մենք խուլ ճամբաներէ կ’ընդզգանք, բայց չենք սպասեր, այնքան հեռու են երկու պարունակները, իրականութիւնը ու անոր կրկներեւոյթը, մատաղ աղջիկներուն հոգիին վերեւ, երբ իրենց մայրը, առանց պատճառի կը նախանձի սա ու ան մարդէն, նոյնիսկ դեռ սեռէն լիովին հեռու տարիքի մը դուռէն։ Սարայլը ի ն աղջիկը, աւելի՞։ Ո՜վ գիտէ, գուցէ իր մատներովը, երբ շրջանը կ’ընէ վարպետ Հաւատիսին յոգնած դէմքին, դունչէն սկսած, գծելով անոր երեսին վրայ բզէզի կորագիծը, ան կը զգա՞յ նոյն ոսկի կարկինը նաեւ գեղձ մարմարին մէջ, որ միսն է իրեն։ Աւելի՞։ Ո՜վ գիտէ, գուցէ եւ հոգին, խորունկ այն օրան, որ մօտէն առնուած՝ դէմքի մը ոլորտը, ճառագայթումը, խառնուրդն է յաճախ, այսինքն՝ մեր ցոլարձակումը, ներսէն դէպի դուրս, ոգեղինացումը, այն կազային բարեխառնութի ւ նը, որոնք մեր դէմքը կը զատեն ուրիշ միլիոններէ եւ մեզ կը թարգմանեն միսի կտաւովը, եւ ուր կը տրուի մեզի խտանալ մեր ներքին բաղադրութեան տեսակարար կշիռովը։ Այս է պատճառը, որ կարգ մը դէմքերու հետ մօտէն մեր քսուիլը մեզ ընէ հիւանդ, զզուալից, կամ՝ հակառակէն, տարուած ու գերի։ …Մենք կը հարցնենք ու կը սպասենք պատասխանի ` առանց խորհելու, թէ շատ քիչ բան ունինք անոնց դէմ հանելու։ Թող սարայլըին աղջիկը նստած ծունկին տրտում վարպետին, բռնէ շրթներէն, ինչպէս երկամեայ մանկիկի մը, ճմռէ ու ճմռէ, ցաւցնէ սաստիկ, այդ կեռասի շինծու հատիկը, երբեմն ալ խածնէ։ Այո՞։ Աւելի՛ն. ուզէ անիկա, այդ շրթունքներէն, բռնի ու յամառ։ Ուզա՞ծը։ Բայց անոնց կաթը, այն տնտես կայլակը, որ սուլումի ձեւով, համրիչ-համրիչ, բխի անոնցմէ, դանդաղ ու յստակ, ջերմ ու թրթռուն, արիւնի նման ու սերմի նման (զոր կ’անգիտանայ, տասնէն նոր ելած, բայց որ իր ոսկորներուն մութ բաւիղներէն կ’երազէ այնպէս, անգիտակ, մութ, նեարդ-նեարդ հաւաքուելով աշխարհին ամէնէն անուշ ու դառն բաներէն համանուագ ու անոր մարմինին կարգ մը մասերուն վրայ փոսեր եւ կարկառներ կը հոյաձեւէ, սպասման մտած աչքերուն ետին, եօթը տարի քնացող հեքիաթի գեղեցիկին նման), կա՜թը անոր հոգիին, երբ գլխիկը դրած անոր մեծ կուրծքին սպասէ խելօք, ոսկի դոյլի մը նման, անոր բառերուն, երգին բառերուն, որոնք կ’իյնան հատիկ-հատիկ, ու կ’իյնան կոյս ջուրերուն մէջը աղջիկներուն։ Որուն մեծ ցաւը, շատ մեծ իր ցա՜ւը՝ սէրն է չափազանց այդ անհաւատէն, թուխ ու հաստ այդ Հաւատիս աղբարէն։ Ու պիտի ծեծէ մանրիկ մատներով վարպետին ճակատը ` անկէ ուզելով պատասխանը ինչո՞ւ սիրելուն, հայրիկին չափ զայն խենթ սիրելուն։ Ու տխրի պիտի այդ սիրոյն համար։ Աւելի՞ն։ Դէպի վիրա՞պը սե՜ւ ստուգութեան։ Հասակը պարապ բառ մը չէ մարմինին համար։ Որքան առաւել՝ հոգիին համար։ …Հեքիա՞թ, սա ամէնը, այս արագ պատմումին ընդմէջէն։ Գուցէ՜։ Դուք, ո՜վ իմ ընթերցողներս, հիմա ձեր ոսկեզօծ կամ մահաշուք տարագրութեան մէջ, հացին կամ վայելքին տագնապին կռանին ներքեւ մոռցած էք շատ բան։ Հիմա դուք նիւթ էք միայն, ու կ’անգիտանաք հողին հսկայ օրէնքները։ Հողին օրէնքնե՜րը՝ որոնք ժողովուրդ մը կը շինեն, աղկաղկ խմորէն ու կը պահեն զայն իր կաղապարին մէջ, այսպէս՝ հեքիաթով ու ձիւն ու խաղով։ Մի մոռնաք, որ Արեւելք կու տամ ձեզի, բայց ոչ-վերադիրովը, այլ՝ ձերը, ուր դեռ կը մնան թաղուած արմատները կէս, ձեր հոգիներուն։ Մի շփոթէք Սիւր ի ան ու Պաղեստինը ու Եգիպտոսը Հայկական բարձրաւանդակին լանջերէն ծիլ առած անմահ խաւարտին, ուրկէ հիւսուած է թաւիշը ձեր նայուածքին ու թռիչները ձեր երազներուն։ …Կեա՞նքը՝ սա վարպետներուն, ու սարայլ ը ներուն, ու իր աղջիկներուն։ Եղած է ան ալ։ Եղան այս մարդերը, անոնց դուռերուն։ Ու եղան ամէն դարու։ Ամէնէն հազուադէ՞պը։ Այո՛, եթէ կ’ուզէք, այսինքն՝ ախոռապանութենէն դէպի կեսարութիւն։ Կոխուած ճամբայ է ատիկա։ Ու, լսեցէք ուշադրութեամբ, թուրքերուն այժմու աւագները անդրկասպեան երկիրներէն չեկան։ Հոս էին անոնք, «ի սկզբանէ անտի», Մերձաւոր Արեւելքի բուխ դաշտերուն մէջ։ Թուրքերուն կինե՞րը։ Անոնք փնջուած են Կովկասէն մինչեւ Վիեննա, մարդ տունկին ամէնէն նուրբ ցօղուններէն բռնաքաղ, ու ատով՝ աւելի զգլխիչ։ Հոս էին փաշաները, հազարաւոր տարիներէ ի վեր։ Տաճկըցան ու խաւարեցան իրենց ժողովուրդէն։ Վասնզի կրօնք փոխելը՝ փոխել է հոգի։ Վասնզի տաճկընալը՝ լրում մըն է, մահը տրամին։ Սրտառուչը՝ անկէ առաջն է, այս եղերականութեան մէջ դիմանալն է բոլոր Հաւատիսներուն։

1 Շղւուն նուրբ ու սլացիկ։

2 Նէնէ հանի։