Նկուղ
մըն
էր։
Շատ
աւելի
մեծ
ու
կանոնաւոր,
քան
ա՛ն՝
ուր
բնակած
էր
օր
մը
ամբողջ,
Սողոմենց
տղան,
մոխիրնոց
առաջնորդուելէ
առաջ։
Ձեւովը,
յատակին
մարմար
սալարկովը,
զոր
մատի
հաստութեամբ
երկաթ
ձողեր
կը
ճարմանդէին
կէտերէ՝
անիկա
տպաւորութիւնը
կու
տար
հին
աւազանի
մը,
նախաբիւզանդական
շրջանէ։
Բացօթեայ
աւերակներ,
բիւթանական
շրջաններու
մէջ,
դեռ
կը
պահեն
կաղապարը
ատոնց,
ամբողջ
վիմափոր,
որոնց
խցուած
տաշտը
սերունդէ
սերունդ
կը
մաքրուի
խնամքով,
հնաւանդ
գանձերու
հետամուտ
խենթերու
ձեռքով։
Զանոնք
իր
մէջ
օր
մը
տաղաւարած
մեհեա
ն
ը
կամ
բաղնիքը
կործանած
է
իր
մեծ
մասերէն։
Բանտի
մարմինին
մէջ
առնուելէ՜ն
առաջ։
-Մեր
վէպը
հնախօսութիւնը
չէ
Ռոլէնի,
թէեւ
աւերակներու
ուսումնասիրութիւն
մը
շահեկան
կը
գտնեմ
վէպի
մը
չափ։
Ի՛նչ
որ
կարեւոր
է,
այդ
նկուղին
օր
մը
մաս
կազմած
ըլլալն
էր
արդի
բանտերը
կանխող
ընդարձակ
կ
ա
ռոյցին։
Ջուրի
համաչափ
գիծեր,
բոլորակ,
շրջանը
կ’ընէին
այդ
պատերուն,
որոնց
գոյնը
սեւին
ու
սատափին
մէջտեղը
կ’իյնայ։
Հեղուկը
տարիներով
իր
մակերեսը
մէկ
պահելովը
ստեղծեր
էր
այդ
բոլոր
գիծերը։
Ջրամբա՞ր՝
թէ
ընդերկրեայ
բանտ։
Ով
գիտէ
հազար
տ
ա
րի
առաջ
այդ
վիրապներուն
մէջ
ի՜նչ
ոճիրներ
մարսուեցան։
Անոր
տանիքը՝
թուրք
էր
սակայն։
Ճիշդ
ու
ճիշդ
ոճովը՝
քաղաքին
միւս
հնաւանդ
կառոյցներուն,
բոլորն
ալ
գմբէթ,
որոնք
հեռուէն
վիշապներու
գլուխը
կը
յիշեցնեն
հաստ
իրաններու
մէջէն
ամբարձիգ։
Արեւելքի
քաղաքներուն
ընտանի
այդ
տեսարա՜նը,
երբ
ցած
ու
խեղճուկ
կտուրներու
անոճ
տափակութեանց
վերեւ
իբր
սաղաւարտ
կը
կլորնայ
այդ
հանգոյցը,
բաղնիքներու
վրայ՝
ծակոտկէն,
ուռած,
գորտի
աչքեր
յիշեցնող
ապակի
կանթեղներէ
խոցաւոր,
որոնք
գունտին
կապար
գանկը
այդպէս
ուռ-ուռ
կը
վիրաւորեն։
Ներսէն,
այդ
աչք-աչք
ծակերը
մռայլ
լուսամուտներ
են,
ապակի
ակնոցնե՜րը
վիշապին,
որուն
մարմինէն
փրցու
ց
ած
բերած
են
այդ
սաղաւարտը։
Այդ
աչքերը
լոյսը
կը
քամեն,
կը
ներկեն,
կը
պղտորեն
ու
տրտմութեան
շամանդաղի
մը
պէս,
վար
ղրկելու
տեղ,
կը
բռնեն
իրենց
մօտ։
Երկու
աշխարհներուն
բաժանման
կէտերն
են
անոնք
բանտարկեալին։
Բարձր,
երեք
մարդու
հասակով,
այդ
կամարին
ճիշդ
մէջտեղը
կե՜ռ
մը,
մեծկակ,
նման
անոնց,
զորս
մզկիթներն
ու
եկեղեցիները
ունին
ջահերը
կախելու։
Ասոր
քիթը
կոտրուած
էր,
իշխանութեանց
կարգադրութեամբը։
Դարբին
մը
սղոցով
տաշած,
փրցուցած
էր
կեռին
կիսաղեղը,
ուղղահայեաց
երկաթ
միայն
ձգելով,
արգիլելու
համար
յատակէն
հոն
նետուելիք
չուաններուն
հաւանական
կառչումը,
ու
հետեւանք
դէպի
վեր
ճախարակումը։
Ասկէ
զատ,
բանտարկեալը,
մա՛նաւանդ
հայը,
երկաթ
այդ
կտորը
տակաւին
կրնար
օգտագործել
իբր
կախաղան,
քանի
որ
այդ
ջրամբարին
մէջ
թուրքերը
կը
գործադրէին
ծեծերուն
ամէնէն
անժուժելին։
Ցեղային
այս
դաժան
ու
մռայլ
երանգէն
դուրս,
որ
բռնի
ներարկուեցաւ
ինքնին
թշուառ
հոգիներու
մակերեսին,
փախուստի
փորձերը,
իրաւամբ
կը
նկատուին
սրտառուչ,
որքան
զմայլելի
յիմարութիւններ,
հասարակաց
արգահատանքով
մը
իջած
հասարակաց
սեփականութիւն,
բանտ-քաղաքին
տարեգրութեանց
մէջ։
Կան
դրուագներ
հանուած
այդ
փորձերէն,
որոնք
ուժգին
են
այնքան,
որքան
դուրսի
աշխարհին
վրայ
հերոսամարտ
մը։
Ու
տակաւին
չունիմ
նկատի
բացառաբար
հայկականը,
ոչ
թէ
բանտէն,
այլ՝
կեանքէն
բռնի
փախուստը,
ամէն
միջոց,
անդուլ
հակումով
մեր
բանտարկեալներուն
խստօրէն
արգիլուած
մահը՝
բռնելու,
հեծնել
կրնալու
անհաւասարելի,
հոյակապ
առաքինութիւնը,
որմէ
նմոյշներ
տուաւ
մեր
արիարանց
սերունդը
այդ
թուականներուն,
չկասկածուած,
անկարելի
նկատուած
բաներէ
ստեղծելով
մահուան
ժանիքը,
սեփական
սիրտին
դէպի
դռնա՜կը։
Հեքիաթ
չեն
ասոնք,
որոնք
լրագրի
սիւնակով
մը
ծանուցուեցան
աշխարհին,
բռնակալութեան
ամէնէն
զարհուրագին
օրերուն,
երբ
մեր
բանտարկեալները
մա՜հ
ստեղծեցին,
ճէմիշներու
թիթեղներէն
եւ
նկուղներու
լամբիկներէն։
Մնալով
պարզ,
այսինքն՝
թուրքէ
թուրք
պայմաններու
մէջ,
թուրք
դերակատարներով
այդ
փորձերը
կը
յուզեն
ոչ-հոգեբան
վերատեսուչները
մինչեւ։
Ամէն
մարդու
չէ
տրուած,
ատամներով,
ու
եղունգներով
կտրտել
–
հարկ
չկայ
յիշեցնելու,
թէ
տանջարան
քշուած
այդ
անբախտներուն
մօտ,
մահուամբ
կը
քաւուի
որեւէ
հատու
գործիք
–
իր
ճերմակեղէնները։
Ատկէ
անդի՞ն։
Հարկա՜ւ։
Այդ
կտորուանքով
չուաններ
հիւսել,
դողդղալ
այդ
դաւաճան
պաղին
ու
խոնաւութեան
մէջ,
վրայ
տալէ
յետոյ՝
մարմինը
պատսպարող
ամբողջ
լաթեղէնը։
Յետոյ
տքնիլ
ժամերով,
այդպէս
ստացուած
չուանը
անցընել
կրնալու
կեռին
աղեղին։
Յաջողելէ
յետոյ,
ամրացնել
մէկ
ծայրը
դրան
շղթային,
ու
միւս
ծայրէն
ինքզինքը
ճախարակել
դէպի
վեր։
Գմբէթը
ծակելու
հսկայ
պատրանքով։
Ասոնք
եղած
են,
հայէ՝
ինչպէս
թուրքէ։
Այսքա՛ն,
սա
նկուղ
ու
մեծ
սաղաւարտին
առաջին
պատկերէն։
Մաքո՛ւր,
համեմատաբար,
քան
ուրիշ
նկուղներ։
Վասնզի
անիկա
յատկացուած
է
բացառիկներու։
Քիչ՝
հոն
հասնողները։
Ու
կը
հասնին
եղերական
վերջերու
համար։
Մաքո՛ւր։
Շատ
պատճառներով։
Կարեւորը
ատոնց՝
գուցէ
գաղտ
խցիկն
է,
որուն
մէկ
պատը
կը
կազմէ
նաեւ
նուրբ
որմ
մը
աւազանին։
Յիմարի
մը
խելապատակէն
բուսած
այդ
դարանը
–
իբր
թէ
ունենալու
համար
խօսակցութիւնը
հոն
դրուածներուն
–
այդ
ատեն
ալ
լքուած
էր
ոստիկանութենէն։
Ջարդերէն
առաջ
այդպիսի
ծուղակներ
սարքուեցան
քիչ
մը
ամէն
կեդրոն
բանտերու
մէջ։
Յեղափոխութեան
տարածած
անհանգստութիւնը
դեռ
ծիծաղելի
չէր
դարձած
զանգուածային
փաչատումին
անհերքելի
փաստովը։
Ջարդերէն
վերջը,
արդարութիւնը
պէտք
չունէր
վարանոտ
ու
զգուշաւոր
գործելու։
Անիկա
կը
գործէր
ուղիղ,
միակտուր,
մեծապէս
արդար,
աւելի
մարդավայել
ու
ազատ,
«շնորհիւ
վեհափառ
կայսեր»,
պէտքը
չզգալով
այդ
միջնադարեան
անազնիւ
միջոցներուն,
ուշադիր,
մեծազբաղ
պրպտումներէ,
ստուգումներէ,
զննումի,
թափանցումի
մեթոտներէն
աւելի
–
սխալական
ու
թերի
եղանակներ
ասոնք,
քանի
որ
մարդկային
են
ասոնք,
այսինքն՝
տպաւորելի,
դրամով,
սեռով,
խաթրով
–գործելով
մաքուր,
այսինքն՝
շատ
թուղթի,
ու
շատ
վկայի,
ու
շատ
ալ
դատավարութեան,
սեփական
խղճմտանքին
թելադրանքովը
(կարծեմ
օրէնքը
ասանկ
բաց
դուռ
մըն
ալ
ձգած
է
բոլոր
դատողներուն),
որ
պայծառ
է
միշտ,
աննուաճելի,
նման՝
արիւնի
թելին,
պղտոր
հոսանքին
մէջ
իսկ
ինքզինքը
պահող,
եւ
որ
քիչ
կը
սխալի,
վասնզի
զերծ
է
շատ
մտածելու,
բաղդատելու
հարկէն,
անզգած
մնալով
փաստերուն
դէզին
դէմ,
վարուելով
արմատապէս
յանցաւորին
հետ,
երբ
հայ
է
անիկա,
ինչ
որ
թուրքերու
բարբառով
երբեմն
հոմանիշ
է
բացօթեայ
փողոտումին,
բանտի
սրահի
մը
տանիքին
ներքեւ,
ներսէն
խստութեան
մը
ձեւին
տակ,
ընկերներու
ինքնաբուխ
պոռթկումով,
խաղաղ
ու
արդար
միջոց,
զոր
Ամերիկայի
նման
մեծ
ազգերն
ալ
որդեգրած
են,
ազատութեան
հանդէպ
հզօր
իրենց
պաշտամունքը
տարազելով
այսպէս
օրէնքով
մը։
Հարկ
չկայ
Թուրքիայէն
շատ
հեռանալու։
Քսաներորդ
դարուն
արդարութիւնը
աւելի
ազատ
է
ու
աւելի
ընդարձակ
գործելու
տրամադիր։
Անիկա
չգոհացաւ
բանտերու
խորշերն
ու
խոռոչները
իրեն
խորան
գտնելով,
այլ
ըրաւ
բոլորովին
բացօթեայ
իր
պաշտամունքը`
գեղերը,
քաղաքները,
մինչեւ
իսկ
երկրամասերը
վերածելով
իրեն
բագին։
Հիմա
արդարութիւնը
նախնական
է
եւ
թեթեւ։
Ամբողջ
քաղաքակիրթ
ցեղերը
համամիտ
են
անոր
նոր
կազմին։
Մեր
մեղքը։
–
Չգիտնալը՝
ասիկա։
…
Սուլթան
Համիտի
նախաձեռնութեամբը,
ոստիկանական
բարքերու
մէջ
մուտք
գտած
այդ
թաքնաթաքուր
դրութի՛ւնը՝
զոհը
հոգեպէս
եւ
ֆիզիքապէս
անվստահութեան,
խուլ
սարսափի
ոլորտով
մը
ջղայնացնելու,
վերջ
էր
գտած
ջարդերով,
քանի
որ
թուրքերը
վերադարձը
ըրած
էին
իրենց
միջնադարեան,
ստեփային
դատումներուն,
հրապարակային,
կարճ,
բազմաձեռն,
որ
յանցաւորը
կը
կապէր,
կը
դնէր
ծունկի
ու
կը
սպաննէր
բռունցքով։
Թուրքերը
այսպէս
կը
դատէին
Թուրքեստանի
իրենց
աւաններուն
մէջ
շնացողն
ու
գաղտնիք
պարզողը։
Անոնց
ատելութիւնը
անսահման
էր
(ինչպէս
կը
վկայեն
թուրքագէտները,
իրենց
ծագումին
խոյզովը
խանդավառ
պատմիչներ)
տոհմէ
տոհմ
վէճերու
ընթացքին։
Կիսամարդոց
վայել
այս
արդարութիւնը
անոնք
չեն
վարանիր
վերակոչել
Արեւմուտքի
փարթամ
ոստայններուն
ալ
մէջը։
Սուլթան
Համիտի
ռէժիմը
անհասկնալի
պայքար
մըն
է
նորութեան
պահանջի
մը
եւ
հինէն
չզատուելու
շատ
բարբարոս
կամքի
մը։
Մաքրութիւնը
բանտերէն
ներս
պարտադրող
ոգին,
օդի,
առողջապահութեան
պայմաններուն
համար
բծախնդիր,
չէր
ուրանար
այդ
նկուղին
աւանդական
արժէքն
ալ,
երբ
պարբերակի
հոն
կը
ղրկէր
քաղաքական
յանցաւորները՝
իրաւ
է
թէ
ցանցառ,
բայց
պատահական։
Անո՞ւնը
այդ
նկուղին։
-Շղթայով
սենեակ։
Որ
արդիւնք
էր
ժանգոտած
դուռին։
Հսկայ
գազանի
մը
որովայնէն
քաղուած
ու
չորնալու
դրուած
աղիքի
մը
նման,
ու
նման՝
օղի
հանող
խողովակներու
հանգոյցին,
ոլոր-ոլոր,
շղթայ
մը
այդ
դուռը
կը
հիւսէր
վերէն
վար։
Ժանգոտ՝
օղակները,
փայլի
կայծերով,
մանր,
խիտ,
պատրանքը
ստեղծելու
չափ
այն
փուրերուն,
որոնք
յունական
Սուրբ
Գէորգներէ
նիզակահար
հրէշներու
պոչերը
կը
հիւսեն,
այդպէս
ոլոր-ոլոր,
կռուած
դաշն
արուեստով
կռնակէն
թունաժէտ
կանանչին
մէջերը։
Ամէն
դարձուածք,
վիշապ-օձին
մարմինին
նման
գալար-գալար
կ’ամրանար
դուռին՝
բռնուած,
վարսուած
այդ
ծեր
երկաթին,
հսկայ
գամերով,
որոնցմէ
գլուխներ
միայն,
լայն,
մէճիտիէ
դրամէն
աւելի,
քրտինք
ունէին
նոյնիսկ
Օգոստոսին։
Բանտերը
երկրի
մը
մանրադիր
պատկերը
կու
տան։
Անոնք
համադրութիւն
են
այն
իմաստով,
երբ
այս
բառերը
գործածուին
թանգարանի
եւ
արուեստի
ուրիշ
գործերու,
սա
տարբերութեամբ
սակայն,
–
մինչ
վերջինները,
այսինքն՝
միւզէոմ
ները
անցեալը
կը
ձգտին
սեւեռել,
առաջինները
ներկան
կը
պատմեն։
Այս
տեսութեամբ,
անոնք
քաղաքի
մը
ամէնէն
կենսայորդ
կեդրոնները
կը
ներկայացնեն։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
անոնց
վերատեսուչները
անոնց
վարչութիւնը
երբեմն
չեն
փոխեր
Վանի
կամ
Պաղտատի
նահանգներուն
կուսակալութեանց
պաշտօններուն
հետ։
Մնաց
որ,
Գերմանիա
ձրի
չի
հաներ
իր
վարժարաններէն
գիտուններ
ու
հանճարներ։
Ձեզի
ծանօթ
են
մեր
քոմանտան
փաշային
ձեռագիր
նոթերը,
որոնք
օր
մը
հրատարակուելու
պարագային,
հոգեբանական
այնքան
նորութիւններ
պիտի
դնէին
հրապարակ,
մարդկային
զգացումներէն
ամէնէն
պղտորին,
ոճիրի
ծարաւին
մասին։
Ըստ
վերատեսուչ
փաշայի
բարձր
հեղինակութեան,
ամէն
մէկ
բանտարկեալ
առնուազն
երկվեցեակ
մը
տուներու
ժառանգական
ախտերը,
սթիկմաթները
փոխադրած
է
այդ
աշխարհը,
միակ
մեղքի
մը
ակօսով։
Միշտ
փաշային
տրամաբանութեամբը,
կեանքը
վերացում,
հայեցողութիւն,
երազանք
ու
վայրագութիւն
ըլլալէ
առաջ
ջերմ,
խառնակ,
կենդանի,
յորդ
տարրերու
հանդէս
մըն
է,
հեքիաթին
կաթսան
։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
Ֆաուսթ
կը
ծափահարենք։
Ո՞ւր՝
սա
ալշիմին
այնքան
հարազատ
ու
վճռական
կը
ներկայանայ,
քան
խորը
այդ
հոգեճահիճներուն։
Մի
շփոթէք
ծաղիկը
աղբին
հետ,
երբ
զայն
կը
տեսնէք
դողդոջ,
գարշութեան
մը
ծոցին։
Անոնք
իրարմէ
բխած
կը
թուին,
բայց
կը
պատմեն
տարբեր
ոճեր,
այն
հսկայ,
անհասկնալի
ճարտարապետութենէն,
որուն
անունը
կեանք
է
նորէն։
Տարածեցէք
վարկածին
շրջանակը։
Կ’առնէք,
եթէ
ուզէք
նաեւ
այն
մասն
ալ,
որ
դուրս
է
բանտին
պարիսպներէն։
Ո՞վ՝
ինքը
իր
բանտարկեալը
չէ
երբեմն,
մեզմէ
շատերուն
համար։
Աւանդութիւն
մը,
բաւական
մօտ,
չբարձրացող
նոյնիսկ
կէս
դար,
հիմա
դուռին
հեղիւսուած
այդ
շղթան
հիւսեր
էր
մարմինին
տարօրինակ
կնոջ
մը,
որմէ
մոռցուած
է
դէմքը,
բայց
կը
մնան
ահաւոր
խռովքը,
համբաւը,
հոգեբանական
խորհուրդը,
անշուշտ
խեղաթիւրուած,
բայց
թափանցողին՝
բաւական
թելադրիչ։
Պոռնիկ
չէ
անիկա,
բառին
ընթացիկ
իմաստով,
հարիւր
տարի
առաջուան
անըմբռնելի
դէմքերէն,
որոնք
քաղաքին
իրական
տէրերն
էին
ըստ
աւանդութեան,
իրենց
տարփաւորներուն
դանակովը։
Ոչ
ալ
գերդաստանեան
հնութեամբ
եւ
ազնուութեամբ
(ծագումը
նկատի
ունեցէք,
որուն
հանդէպ
մինակ
արեւմտեան
կոմսերը
չեն
զգայուն,
այլ՝
մա՛նաւանդ
Արեւելքի
պառաւները,
երբ
իրենց
մարմինը
պարպելէ
յետոյ՝
իրենց
զբաղում
կ’ունենան
իրենց
տիտղոսները
միայն)
ուշագրաւ
բարեգործուհի
մը
ինչպէս
ունէին
գոյութիւն,
այդ
օրերուն,
բոլորովին
բարեպաշտ
արարածներ,
իրենց
երիտասարդութեան,
վայելչութեան
տարիները
յատկացուցած
աշխարհին,
քամելով
անոր
հաճոյքներուն
ամբողջ
նարդոսն
ու
հալուէն,
«ցմրո՜ւր»,
իրենց
զառամութիւնը
կը
նուիրէին
բարեպաշտօն
զբաղումներու,
կառուցանելով՝
մեղքի
պտուղ
իրենց
հարստութեամբը՝
մեծաբաշխ,
ջրառատ
աղբիւրներ,
երաշտ
դաշտերու
վերակեանք
տուող,
կամուրջներ,
որոնք
երկու
քաղաքներ
իրարու
կապէին,
բաղնիքներ,
մա՛նաւանդ
մզկիթներ,
իգական
դէմքով,
մանր՝
բայց
տարօրէն
սիրուն,
կոկ,
ճերմակ
ու
պչրոտ։
Անոնց
դամբարաննե՜րը՝
երբեմն
կատարեալ
գլուխ-գործոց,
ամէնէն
չքնաղ
դիրքի
մը
ծոցին,
գոհարակուռ
ու
խաղաղ,
մահուան
մէջ
մաքրուած
գեղեցկութեամբ
մը,
հասոյթներով
ապահով,
որպէսզի
թթու
մօրուքով
մոլլա
մը,
անոնց
մէկ
կուշտին
հիւղակը
պահէ,
որդւոց
որդի`
օրհնելու
համար
յիշատակը
բարեպաշտուհի
հանըմին,
որ
ողջուցը
փլած
տուներու
ողբը
յետ
մահու
սա
բարիքով
կը
գնէր
երկինքէն
ու
ժողովուրդէն։
Քիչ
անգամ
մարդկային
անզգամութիւնը,
կիներուն
անկուշտ
արգանդը
այսքան
ապահով
հաշուեյարդար
մը
կ’ընեն
իրենց
տուրքերով։
Թուրքերը,
որքան
բծախնդիր
իրենց
արուներու
անունին,
նոյնիսկ
մեղքերու
պահպանումին,
մեծ-հօր
մը
ոճիրը
իբր
մականուն
յօժարութեամբ
գործածելու
աստիճան,
կ’ուրանան
իրենց
կիներուն
մեղքերը,
որքան
բարիքները։
Ամենազօր
սուլթանուհիներու
դրամով
կանգուն
հանրային
յիշատակարաններ,
ընդհանրապէս
մզկիթ
կամ
բաղնիք,
մէկ
հատ
հազիւ
կը
պահեն
կառուցանողին
իրական
յիշատակը
(դուք
մի
չափէք
դամբարաններուն
փաստովը։
Անոնք
գերեզմաններ
են
ու
մոլլաներու
ճետով
մը
փրկուած
մոռացումէն)։
Ասիկա
թերեւս
անոր
համար,
վասնզի
քիչ-շատ
տեւողական
ասպարէզներու
վրայ
կինը
չունէր
գոյութիւն
այդ
երկրին
մէջ։
Վայելքի
գործիք՝
անիկա
լրջութեամբ
պարտաւոր
էր
գիտակցիլ
իր
դերին։
Այլապէս՝
բոզանոց
կ’իյնար։
Երեսունէն
վեր
դահացած
ապրանք՝
անիկա
պարտաւոր
է
մշակել
մարմնական
առաքինութիւններ,
մինչեւ
որ
ժմնէ
տղան։
Անկէ
անդին՝
մեծ-մայր։
…Հեքիաթը
(շղթայով
սենեակին)
չի
ճշդեր
ազգութիւնը
այդ
բարեպաշտ
հանըմին։
Ու
ասիկա՝
ոչ-դիտումնաւոր
զանցառութեամբ։
Վասնզի
արուներու
հանդէպ
որքան
խստապահանջ,
թուրքերը
իրենց
կիներուն
կրօնքովը
շատ
չեն
զբաղիր։
Կայսերական
պալատը
ամէն
ազգէ
կիներու
համար
բաց
մրցարան
էր,
տակաւին
Պրուսայի
մայրաքաղաքութեան
օրերէն
(ԺԵ.
դար)։
Մեր
թուականէն
դար
մը
առաջ
ֆրանք
կամ
սաքսոն
իշխանուհիները
կանանոց
մտած
են,
երիտասարդ,
ու
ելած
անկէ,
առանց
կրօնք
փոխելու։
Բարեպաշտուհի
այդ
տիկինը,
Պրուսայի
արեւմտեան
փոքր
արուարձանին
մէջ,
Չէքիրկէ,
գեղատեսիլ
սարահարթիկի
մը
վրայ,
եւրոպական
ոճով
առաջին
բաղնիքը
կանգնած
էր,
ոչ-հասարակաց,
քանի
որ
ջուրը
կրցած
էր
գնել,
կործանած
գերդաստանի
մը
յետին
պայազատէն։
Չէքիրկէ,
Ջերմուկներու
գիւղակն
է։
Յորդ
ու
հրաշագործ
ջուրերը
պետութիւնը
բռնագրաւած
է`
յատկացնելով
զանոնք
հասարակութեան։
Փոքր
ու
սովորական
ջուրերը
կը
մնան
իրենց
հին
տէրերուն
ձեռքը,
որոնք
կը
զգուշանան
այդ
ջուրերով
աչքի
իյնալէ։
Թաղի
մէջ
ամէն
չորս-հինգ
տուն
ունի
այդ
տաք
աղբիւրներէն։
…
Հեքիաթը
մեր
տիկինը
կը
բերէ
Պոլսէն,
շնորհազուրկ,
աքսորի
մէջ
խղդուած
վէզիրի
մը
կինը
ընելով
զայն։
Ոճին
նորութիւնը,
օտարութիւնը,
տան
տեսքը
փաստեր
են
անոր
տիրոջը
օտար
ծագումին։
Բայց
այդ
չէ
էականը։
Այլ՝
սա։
Ան
շքեղ
այդ
բաղնետունին
մէջ
կը
պատսպարէր
արուները,
ու
միայն
արուները։
Աւելի՛ն.
այդ
արուները
պէտք
է
պատկանէին
որոշ
դասակարգի
մը։
Ըլլալու
չեն
անտուն,
անտէրունչ,
թափառական։
Ասոնք՝
առաջին
աստիճանը
իր
յաճախորդներուն
։
Բառը
տարօրինակ
է։
Բայց
կը
պահեմ,
հետեւելով
հեքիաթին։
Ու
այս
շքախումբին
մէջ
դուք
պիտի
տեսնէք
Արեւելքին
խայտաբղէտ
բանակը
մինչեւ
Չինաստանէն,
Հնդկաստանէն,
Արաբիայէն
փրթած
ու
հոս
ինկած
ամէն
երանգէ
տէրվիշներուն,
աշուղներուն։
Աւելի՛ն.
ան
կ’ընդունէր
ցաւագարները,
խենթերը,
կոյրերը։
Մեծ
հոգածութեամբ
կը
դարմանէր
զանոնք,
կը
մաքրէր
աղտէն
ու
կեղէն`
խառնակելու
համար
անոնց
հետ։
Աւանդութիւնը
մոռցած
է
տարիքը։
Բայց
այս
խառնուածքը
սեռային
ախտաբանութեան
մէջ
ծանօթ
է
բաւական,
որպէսզի
յապաղիմ։
Յետո՞յ։
Բանտի
նկուղի
սենեակին
դրան
հիւսուած
շղթայով
զանոնք
թեւերնուն
կապելով
կը
կախէր
վար,
տան
յատակին
անդունդէ
մը,
ուրկէ
շոգի
կը
բարձրանար
միշտ։
Աս
ալ
իրողութիւն
է,
վասնզի
Չէքիրկէի
տուներուն
մէջ
պակաս
չեն
այս
ինքնաբուխ
ջուրերը,
տաք,
շոգեւոր,
ու
փեռեկումներ,
որոնց
վրայ
կը
ձգուի
բաղնիքի
մը
յատակը։
Ու
կը
կախէր,
ա՛յնքան՝
որ
ձայնը
հատնէր
կախուողէն։
Ոճի՞ր։
Դուք
գտէք
բառը։
Բայց
շարժառի՞թը։
Դուք
փնտռեցէք,
ես
կ’անցնիմ
ուրիշ
ըսելիքներուս։
Փողոցի
մարդերը
տէր
չունէին
զիրենք
պահանջող։
Ու
մոռցուեցան։
Ցաւագարները
(շատ
ընդարձակ
է
այս
բառին
տարողութիւնը։
Կ’ընդգրկէ
առաւելապէս
մեծահարուստ
տուներու
փափուկ,
խեղճ,
ապուշ
ծնունդները,
որոնք
մինչեւ
պատանութիւն,
այսինքն՝
իրենց
մօրերնուն
հեղինակութեան
վախճանը
շէնք-շնորհք
կը
հագուին
ու
կը
կերակրուին`
յետոյ
ձգուելու
համար
ճամիի
մը
բակը,
ընդհանրապէս
օտար
քաղաք
մը
տարագրուելէ
ետք։
Անոնք
եթէ
անցուցին
առաջին
տարին,
ա՛լ
կը
դիմանան
ու
կ’ըլլան
շուկայի
մը,
փողոցի
մը,
մզկիթի
մը
պաշտօնական
ապուշը,
նուիրական,
անձեռնմխելի
ու
հաճի-պապա,
այսինքն՝
հասարակաց
ապրանք։
Ծանօթ
է
թուրքերուն
յարգանքը
յիմարներէն)
մեծագոյն
բարիքը
կ’ընէին
իրենց
շրջանակին`
անգամ
մըն
ալ
հոն
չդառնալով։
Ողջերը
չեն
փնտռուիր
այդ
երանելի
երկրին
մէջ։
Կիսողջնե՞րը։
Ու
խենթե՜րը։
Որոնք
միշտ
լիճեր,
առնուազն
բաղնիքի
աւազաններ
պիտի
ուզեն`
իրենց
փորի
դեւերը
հոն
պարպելու
համար։
Բորոտնե՞րը։
Հեքիաթը
կը
լռէ
անոնց
շռայլուած
խնամքէն…։
Դատավարութիւն
մը
երեւան
հանած
էր
այս
խոր
ու
ծածկուած
ճշմարտութիւնները,
ու
անոնց
հետ
աւելի
սեւ
բաներ։
Շահեկա՞ն,
սա
օտարուհին,
որ
հիմակուան
ռէժիմին
անպայման
հայ
կը
մկրտուէր,
անկախ
Հայաստանի
դատին
նուիրուա՜ծ,
այսքան
անիծապարտ
վճռականութեամբ։
Բայց
պէտք
է
պատմել։
Գեղանի՞,
կը
մղուիմ
այսպէս
ներկայացնելու
զայն
ձեզի,
թէեւ
հեքիաթը
իր
մոռացումին
մէջ
թերեւս
կ’ուզէ
կամացուկ
մը
թելադրել
միւս
ահաւոր
բանը,
որ
անյագուրդ
կինն
է,
դադարէն
անդին
նորէն
սկսող,
սանկ
քիչիկ
պեխաւոր,
առնակազմ
ու
անգութ։
Գեղեցկութիւնը
լոյս
մըն
է։
Ու
սեռը՝
հնոցը
անոր,
ոչ
թէ
գեղեցկութեան,
այլ
անոր
յոյսին։
Բայց
ինչո՞ւ
կախել։
Մի
աճապարէք։
Պատճառէն
առաջ
ողբերգութի՛ւնը։
Վասնզի
ջերմ
շոգիի
վրայ
այսպէս
օրով
մը
բռնուած
մարմինները,
ապազգայ
կ’իջեցուէին
անդունդին
յատակը։
Երկու
պարկ
մոխիր
ու
պարկ
մը
կիր՝
դիակին
վրայ։
Ու
կը
լռէր
անդունդը։
Ձա՞յն։
Քանի
մը
օր
վերջը,
այսինքն՝
մինչեւ
որ
միսերը
փրթէին
ու
անդունդին
աչքերուն
մէջ
լուծուէին։
Որմէ
յետոյ
ջուրը
կը
գտնէր
իր
աչուկները
ու
կը
բանար
իր
շղարշիկը
շոգիէն։
Միս
ու
մոխիր
քալած
վարի
աշխարհը։
Ինչո՞ւ։
Պէտք
չէ
շուտ
հարցնել,
քանի
որ
մարդիկ
յաճախ
կը
լսեն
նոր
գոցուած
շիրիմներէն
մեծ
ողբը,
գուցէ
փշուրները
անոնց
աշխարհին
բնակիչներուն։
Այս
ոճրաշարքը,
սա
իրապաշտութեամբ,
ու
դրուագումով,
դատավարութեան
ընթացքին
–
կինը
պատմած
էր
ամէն
բան
ահաւոր
պարզութեամբ,
պեխաւոր
հանդարտութիւնը
անզգած
նախատինքի
մը
նման
նետելով
դատարանին
խուլ,
խոր,
սո՜ւտ
թէ
իրաւ
վրդովումէն
–
պատճառախոյզ
փութկոտութեանը
երեսէն
դատողներուն,
բացատրական
մոլուցքին
անձնատուր
մարդիկ,
երեւան
էր
հանած
ուրիշ
սարսռազդեցիկ
ճշմարտութիւն
մըն
ալ,
զոր
փառաւոր
կինը
(պէտք
է
շնորհել
անոր
սա
արժանաւոր,
իրաւափառ
վերադիրը,
վասնզի
կը
մօտենանք
հանգոյցին)
պոռացեր
էր,
հոյակապ,
ընդքարշող,
դիւային
պերճախօսութեամբ
մը
–
զուր
տեղը
չէ,
որ
կիները
վէզիրներու
ծոց
պառկելէ
ետքը,
խենթերն
իսկ
կը
յաջողին
կապել
իրենց
պեխերո՜ւն
հմայքին
–
գեղանձն
ու
շքեղ
հագուած
նախագահին
երեսին.
ով
գիտէ
ի՜նչ
աղտոտ,
զզուելի
զոհողութեանց
գնով,
առնուազն
ինչպէս
շիլ
ազդեցութիւններով
բազմած
սա
աթոռին`
դատելու
համար
ուրիշները
ու
չխորհելո՜վ՝
նախ
ինքզինքը
դատապարտելու
աննահանջ
հարկին։
Այո՞։
Թող
հրամէին
այդ
նախագահ
պէյերը
անգամ
մը
գոնէ
նախագաւիթը
իրենց
խղճմտանքին։
Թող
հարցնէին
իրենք
իրենց։
Օ՜,
պատասխանը։
Պերճախօս
տիկինը
չէր
վարանած
պետական
վարչութեան
ամբողջ
իր
դժնդակ
փորձառութիւնները
տարազել
սա
ժողովականներու
քիթին
ու
բերնին։
Այո՞։
Ինք
գիտէր
բոլորէն
աւելի։
Վասնզի
մինչեւ
սուլթանները
ու
մինչեւ
օտար
գրալ
ները
իր
մարմինը
ճամբայ
էր
գտած։
Յետո՞յ։
Անշո՛ւշտ։
Մինչեւ
ամէնէն
խոնարհ
սրտերը
սա
մեր
աշխարհին,
որոնք
մեզի
պէս
հոգի
մը
ունին,
ուղեղ
ունին,
ու
չգիտնալը
ճակատագիրն
է
իրենց։
Ու
հարցուցեր
պերճաբարբառ
տիկինը
–
անոր
թուրքերէնը,
պոլսական
նրբութեամբ
երաժշտութիւն
էր
սրահին
մէջ
ու
տարօրէն
երիտասարդ
–
նախագահին
երեսին։
Ի՜նչ
կու
տար
արդեօք
ականակուռ
կուրծքով
նախագահ
պէյը,
իր
դուռը
զարնող
մուրացիկին,
պատառ
մը
հացէն
ու
տոպրակ
մը
արգահատանքէն
զատ,
որուն
կէսը
երբեմն
կը
փոխանակուի
հայհոյանքով
ալ,
ինք
հաճի
ըրած,
քառսուն
կանգուննոց
իր
փաթթոցին
մէջ
ինքզինքը
զգեստաւորած,
սրբացուցած.
ի՜նք՝
որ
պաշտօնական
չորս
իր
կիներուն
քով,
հետ
–
իրարմէ
չորսական
տարի
ընդհատով
–
(թուրքերուն
սեռագիտութիւնը
խոր
է
եւ
փորձառական։
Աղջիկներու
առատութիւնը
քաջալերած
է
այդ
բնազդները
ատոնց
մէջ։
Ամէն
աղջիկ
նորոգում
մըն
է
ծերութեան
հակած
արուին
համար)
չորս
տասն
ալ
անպաշտօն
հարճեր,
վարձքով
աղջիկներ
ունէր
տրամադրած
իր
միա՜կ
զգայարանքին,
առանց
յիշելու
բաժինները
իր
միւս
քէֆ
երու՛ն,
բերնէ
ու
աչքէ,
փորէ
ու
մորթէ։
Այո՞։
Թող
հերքումն
ընէր
իր
ըսածներուն,
եթէ
կը
հաճէր
հաճի
պէյ,
փաշա
էֆէնտին։
Պերճախօս
կինը
անցած
էր
միւսներուն,
անոր
նոյնքան
սուրբ,
հաճի,
պէյ
ընկերներուն։
Թող
հարցնէին
ատիկա
նախ
իրենց,
դատելու
մղուելէ
առաջ
ուրիշներուն
մեղքերը։
Ո՞ւր
էր
գիրքը,
որ
արդար
հանէր
սա
սուտ,
ոսկեզօծ,
բայց
գարշակառոյց
արդարութիւնը
դատարաններուն։
Վայելքին
իրաւո՞ւնքը։
Անշո՛ւշտ։
Բայց
ինչո՞ւ
միայն,
իրենց
պարունակէն։
Ուրիշներո՞ւնը։
Անճարակներո՞ւնը։
Անկարներո՞ւնը։
…Ի՜նչ
կ’ուզէին
իրմէ,
քանի
որ
ուրիշ
բան
չէր
իր
ըրածը,
եթէ
ոչ՝
այդ
ծուռ
արդարութիւնը
շտկել,
ու
վայելքը
ընդարձակել։
Ի՜նք,
ազնիւ
տիկի՛ն,
արժանի
էր
երախտագէտ
փառաբանութեան
եւ
ոչ
թէ
սա
անաստուած
անարգանքին,
քանի
որ
բարիք,
միայն
բարիք,
անսահման
բարիք
էր
տուած`
հաւաքելով
փողոցներէն
ախտաժէտները,
լուալով
անոնց
կեղերը
շաբաթներով,
օծելով
անոնց
գարշահոտութիւնը
ազնուազգի
իւղերուն
փառքին
մէջը,
մատռուակելով
անոնց
կարօտակէզ
դէմքերուն
մեղրն
ու
շարպաթ
ը
աշխարհին
ամէնէն
քաղցր
համերուն,
ու՝
անոնց
ծարաւահիւծ,
այրեցաւեր
խեղճ
զգայարանքին
ոսկի
բաժակը
անվերադիր
վայելքին,
գլխագիր
Վայելքին,
որ
ազգերու
գիրքերը,
երգերը
լեցնելէ
զատ,
իբր
ամէնէն
աննահանջ
պապակը
մեր
մարմինին,
կը
դիմանայ
անոր
աւերակներուն
ալ
վրայ։
Որմէ
ետք,
այսինքն՝
զոր
առնելու,
ճաշակելու
մեր
ընդունակութեան
կորուստէն
ետք,
կեանքը
ինքնին
մոխիր
է
կարծես,
լեղիով
խառնուած,
լմուած
ու
բաղարջ
դարձած,
մեր
ակռաներուն
բռնի
թխմուող։
Հարցուցէք
ատիկա
մեծ
մարդերուն,
տարիքով,
դիրքով,
խելքով
մեծ
ազնուականներուն։
Անոնք
պիտի
չպատասխանեն։
Բայց
անոնց
թարմատի
կիները,
անոնց
փոխարէն
շատ
պերճ
տուած
են
արդէն
հարցումին
պատասխանը։
Թուրքի
պալատ
մը
հոյակապ
դրուագումն
է
այս
ողբերգութեան։
…Գէ՞շ
բան
էր
վէզիրին
ըրածը,
երբ,
խնայելու
համար
այդ
մոխիրին
աղը
այդ
մարդոց
լեզուին
–
մինակ
տարիքը
չէ,
որ
մեզ
կ’ընէ
ծեր,
այլ
մեր
արիւնին
հասած
կանուխ
աղերը,
մեր
պապերուն
թոյներովը
տեղաւորուած
մեր
հեղուկ
մարմինին
արիւնին
մէջ
–
կը
փակէր
վարագոյրը
մէկ
անգամէն,
բայց
քիչ
անգամ,
ազատելով
զանոնք
սպասող
անհուն
զրկանքէն։
Ի՞նչ
ունէին
տեսնելիք
այդ
եղկելիները
ուրիշ
սա
աշխարհէն,
եթէ
երանութեան
այդ
բացուող
ու
գոցուող
երազէն
ետքը,
դարձուէին
կրկին
իրենց
փողոցներուն,
խշտիներուն
կամ
գերութեան։
Թող
քարով
կոտրտէին
իր
գլուխը,
եթէ
ճիշդ
չէր
խօսածը։
Ինք
իսկապէս
աստուածահաճոյ
ու
մարդավայել
արարք
մը
կը
կատարէր,
աշխարհը
մաքրելով
իր
թշուառներէն,
բայց
ժպիտի
մը
մէջ
երազի
մը
վրայ
սաւառնող,
բայց
կո՜ւշտ։
Նախագահ
պէյե՞րը։
Թող
փորձէին
անգամ
մը
գոնէ
տասնով,
քսանով
իրենց
կիներէն
մէկ
հատիկը
եթէ
ոչ
բաժնել
այդ
ցաւագարներուն,
այլ
սաւանէ
ազատ
աչքին
դէմ
բռնել,
տասը
փարայի
համար
փողոցին
երգող
տէրվիշին,
որ,
դեղին
աչքերը
աջ
ու
ձախ
ծռելով,
վանդակներուն
ետին
թրթռուն
հանըմներուն
պատկերը
կը
ծամէր
իր
երգին
փշուրներուն
հետ
եւ
կը
քաշուէր
կրկին
իր
խշտին,
սատանայէ
մը
աւելի
մեղաւոր,
սեւցած
հոգիով,
անիծելով,
սիրտը
հովացնելու
համար,
սա
արդարութիւնը,
որուն
խարանը
կ’աւելնար
իր
սեփական
կրակին,
մարմինին
մեծ
պողոտաներէն։
Ու
կը
թքնէր
գարշ
իր
սերմը
իր
ոջլոտ
գղիաթին։
Ա՞յս
էր
կեանքը
վերէն
Բաշխողին
անհասելի
նախախնամքը
իր
ձեռակերտներէն։
Ինչո՞ւ,
իր
արդարութեան
պատգամովը,
նախագահ
փաշաներուն
կիները
ըլլային
այնքան
հեշտախոյզ,
ու
փողոցի
ցաւագարները՝
այնքան
անօթի,
մարմինէ՝
ինչպէս
հոգիէ,
իրենց
բոլոր,
բոլոր
բերաններէն,
չունեցած
աչքէն
ու
կեղադրուագ՝
բայց
դեռ
բաբախուն
ու
կտրիճ,
ժանգոտ՝
բայց
հասակագեղ
իրենց
սեռային
զգայարանքներէն…։
Հեքիա՞թ։
Արեւելքի
գրականութիւնը,
որ
գրագէտներէն
չսպաննուած
ժողովուրդ
տարրով
ապրեր
է
դարեր։
Որքա՞ն՝
սուտին,
հնարուածին
բաժինը։
Որքա՞ն՝
իրականութեան
նպաստը։
Չէքիրկէներուն
բաղնիքները
այդ
կնոջ
դրուագէն
ասդին
շարունակած
են
ընդհանրանալ։
Իմ
օրերուս
կնոջ
մը
անունով
նոճագեղ
դարաստանի
մը
խորը
սիրուն
շալէ
մը
բաղդատելի
էր
պատմութեան
ցուցմունքին։
Դարբին
իմ
եղբօրս
հետ,
ես,
դեռ
տասը
չմտած,
աշխատեր
ալ
եմ
այդ
շէնքին
պարտէզները
երկաթ
ձողիկներով
վանդակելու։
Կը
խօսուէր
կնոջ
մը
մասին,
որ
կէս
գիշերուն,
շղթայով
մարմինը
հիւսած՝
պտոյտի
կ’ելլէր
բաղնիքն
ու
ածուները։
Ես
չտեսայ։
Բայց
թարշամ
բաղնեպանուհին,
մեր
սարսափէն
հաճոյք
զգալուն,
կը
պատմէր
անոր
զայրոյթը,
երբ
կը
հարուածէր
շղթային
իրանովը
աս
ու
ան
պէյը,
ծերացած՝
բայց
չորս
իր
կիները
առջին
փաթթած
բաղնիք
փութացող։
Ես
չտեսայ
շղթայով
կինը,
բայց
տեսայ
միւսները,
չորս
հեղ,
չո՜րս,
իրարմէ
աղուոր,
որոնք
բաղնիքէն
դարձին,
ապարանքին
–
նոր
ոճով
պանդոկը
–
սանդուխներէն,
կը
կսմթէին
իմ
դալկութիւնս,
յամառութիւնս,
իրենցմէ
չփախչելու,
զիրենք
սեւեռող
իմ
աչքերուս
պնդութիւնը
սիրելով
թէ
հալածելով։
Տասը
չէի
մտած
ես։
Ու
չէի
հասկնար,
թէ
ի՜նչ
կ’ուզէին
իմ
դալկութենէս։
…Կէս
դարու
կեանքով
սա
հեքիաթը
դիմացած
էր
հոս,
դերակատար
կնոջ
սա
նկուղին
մէջ
արգելափակումով։
Հեքիաթը,
ով
գիտէ
ի՜նչ
զիջումով
կը
ճշդէ
անոր
ձերբակալումը
պատճառող
դրուագը,
որ
յիմար
է,
որքան
յիմար
է
զսպանակը։
Ջոջ
փաշայի
մը
պալատն
է
անիկա,
վաւերական,
ախտաւոր
ու
կիսով
խենթ,
ճամբայ
ինկած
դէպի
կատարեալ
խաւարում
(ժողովուրդը
տարտամ
գաղափարը
ունի
սիֆիլիսին
ջղային
տեղաւորումներէն
ու
չի
կասկածիր,
երբ
կը
պատմէ
այս
յիմարացումները),
որ
փողոց-փողոց
կը
թափառէր,
խելքը
–
ունեցածը
–
տուած
ուղտի
քակորներուն։
Անճառ
իր
ուրախութիւնը,
երբ
կը
յաջողէր
կարաւան
մը
ձգել
ձեռք,
օրհնեալ
անասուններէն։
Կը
հաւաքէր
անոնց
քակորները
ու
ճիտէն
կախ
թիթեղի
մէջ
դրած,
յաղթական,
երջանիկ,
գեղեցիկ
(անոր
դէմքը
կը
պահէր
փաշա
հօրմէն
գեղեցիկ
կաղապար
մը,
թոյլ
ու
ճերմակ
ու
անարիւն
ու
գրաւիչ,
երբ
աչքերը
գոցուէին,
խնայելով
այդ
պատկերին՝
իրենց
անհեթեթ
անասնութիւնը,
որ
ուղեղէն
զարնուած
մարդոց
արտայայտութիւնը
այնքան
վճռական
ձեւով
մը
կը
մասնաւորէ)
կը
պտըտէր
հրապարակ-հրապարակ,
լոգմա՜
ծախելով,
քակորները
մէզին
մէջ
շաքարոտելէ
ետքը։
Կը
ձգեմ
այս
խուժդուժ
տրտմութիւնը`
հետեւելու
համար
այդ
պայազատին,
որ,
փայթոն
ը
ներքին
տեսնուեր
էր,
ոճրագործ
կնոջ
բնակարանին
մէջ,
հագուած
ամէնէն
աղտոտ
գլխարկները
մուրացկանին,
ճեմելէ
ետք
գիւղակին
ընդարձակ
արօտներէն,
ափ-ափ
արծաթ
բաշխելով
կառքը
պաշարող
զուարթ
լակոտներուն,
անոնց
գովելով
քակորներուն
շաքարն
ու
շարպաթը։
Յետոյ,
հետախաղաղ
կորուստ։
Ըսի,
թէ
այս
անհետացումները
կ’անցնին
աննշմար։
Բայց
պայազատը
մա՜յր
ունէր,
ազնուազարմ
ու
բարի։
Որ
մեծացոյց
բարկութեամբ
մը
իր
տղան
պահանջեց
փաշա
սրիկայէն,
զայն
ամբաստանելու
չափ
առաջ
երթալով,
այդ
կորուստին
մէջ։
Մեծափարթամ,
«ի
հաւէ»
սրիկայ,
այդ
փաշան
իր
տղան
հարցնելու
պատրուակին
տակ
(գիւղակը
կը
պատմէր
անոր
տղուն
բարիքները,
բաշխած
դրամները,
իր
ապրանքը
գովող
անոր
եղանակը,
ու
կառապանին
անունը,
անհետացումէն
դեռ
օրեր
ետքը)
մտաւ
ներս,
վաւերական
թուրքի
մը
նման
վարուած
այդ
կնոջ
հետ,
վռնտուած
անկէ
ու
վերադարձած,
պաշտօնապէս,
ոստիկաններով,
իրեն
եղած
նախատինքը
դարմանելու
տենդին
մէջ,
հրամայելով
խուզարկել
տունը
վերէն
վար։
Գտան
անդունդը։
Երկու
գործաւոր
գրեթէ
զոհած
(ծծումբին
հոտը
խղդած
էր
այդ
անզգոյշ
մարդերը),
իջնելով
անդունդին
կէսը,
ու
գտան
շղթան,
որուն
ծայրը
յարմարցուած
կեռով
մը
դուրս
հանեց
շատ
մը
ոսկորներ,
մարդու՝
բոլորն
ալ։
Շատին
կմախքը
դեռ
չէր
քակուած
իր
ծխնիներէն։
Տարօրինա՞կ,
այս
ամէնը։
Այո՜,
ինչպէս
է
ինքը
հեքիաթը
յաճախ։
Աւելի
անակնկալը
վերապահուած
էր
սակայն
բանտին։
Արգելափակ
կնոջ
պահապանները
քակեր,
կոտրեր
էին
ատոր
նշանաւոր
շղթան,
որ
կը
հիւսէր
անոր
ոտքերը,
զիստերը՝
իրար
կարելու
չափ
պինդ,
ու
արձակած
բարեգութ
անոր
մարմինը։
Մնացեալը
հասկնալի
է
ինքնին,
թէեւ
մանրամասն
շփոթելի
արարած
մը
չէ
փողոցի
մուրացիկին
հետ։
Բայց
ո՞վ
կը
չափէ
ճշդիւ
անդունդները,
որոնք
մարդկային
մարմին
մը
ունին
իրենց
պահպանակ
պատեան։
Ո՞վ
կը
կասկածի,
թէ
հոգիի
ի՛նչ
մուրացկան
է
ամէն
մարդ,
որ
կը
ճգնի
(բառը
գործածեցէք
ժողովրդական
իմաստով)
նման
խուցէ
մը
դուրս
պահելով՝
երկաթի
տակ
աղբի՜ւրը։
Աւելի՛ն.
արգիլելով
բերան
մը
զով
բան
իր
տոչորած
կոկորդին։
Պատկերը
մեզի
չափ
մեղաւոր
է,
երբ
մօտ
է
դրուած
մեր
զգայարանքներուն։
…Հիմա,
կէս
դար
ետքը,
հաստ
ու
ծեր
դուռին
վրայ,
երկաթը
աղիք-աղիք
ու
օղակ-օղակ
կը
շարունակէր
ողջ
պահել,
փոխուող
սա
մեռնող
պահակներէն
բարեպաշտօրէն
յաջորդներուն
փոխանցուած
ու
անհաւատալի
հեքիաթը,
բարիք,
այսինքն՝
մահ
բաժնող
կնիկին`
երանի
խլելով
անոր
տարագեղ
յիշատակին։
Մարդիկ,
ոստիկաններ
կրկին,
կ’աւաղէին
ներկան,
որ
այդ
խորհրդաւոր
խորշը
յատկացուցեր
էր
հեքիաթին
հակադիր
իմաստին,
տանջանքի
իբր
վայր՝
զայն
շահագործելով,
քանի
որ
աչքէ
ու
ականջէ
հեռու
էր
անիկա։
Անոնք
գլուխ
թօթուելով,
կը
հերքէի՞ն
բարեպաշտ
ու
բարեբաշխ,
բայց
քիչ
մը
անսովոր
սա
աւանդութիւնը։
…։
Սողոմը
հոն
գտաւ
Ակնաղբիւրի
յեղափոխականները։
Քարա՞յր
մը։
-Կատարելապէս։
Աս
էր
անոր
առաջին
զգայութիւնը։
Գմբէթին
բարձրօրէն
խոնարհումը,
ու
աւրուած,
բայց
ասեղ-ասեղ
մորթի
դպող
անոր
օդը,
խորշէն
ներս,
չէին
կրնար
մեղմել
անոր
միւս
սփոփանքը,
որ
ծնունդ
է
առած
գետնուղին
մտած
րոպէին։
Չորս
զինուորները,
երկուքը
առաջ
ու
երկուքը
ետ,
փոյթ
ունէին
իրեն
խնայելու
փորուածքին
յստակ
տեսիլը։
Ու
կ’անգիտանար
անիկա
պատճառը
այս
զգուշութեան։
Երկու
կանթեղի
մէջ,
որոնց
լոյսը
ճարտար
սքողումով
գետին
միայն
կ’իյնար,
անիկա
քալեր
էր,
մահուան
գացողի
շեշտ
գիտակցութեամբ։
Հողին
փորին
մէջ
այս
գնացքը
այս
կերպ
կը
տպաւորէ
սա
պատանին,
որմէ
խուսափած
արիւնը
զինքը
կ’ընէր
տարօրէն
տրամադիր
զգայախաբական
սա
շեղումներուն։
Քարայրին
մէջ
անիկա
քիչիկ
մը
թուլցաւ
իր
սարսափէն,
որ
սովորական
վախէն
կը
տարբերէր
պատճառի
բացակայութեամբ
մը։
Մահուան
հետ
հաշտուիլը
մեզի
բարիք
է
անշուշտ,
ու
մեծ
ալ
կորով։
Բայց
կը
նմանինք
մէկու
մը,
որ
լերան
մը
գագաթէն
ինքզինքը
վճռած
է
արձակել
վար։
Պիտի
չվախնայ
յատակի
պատկերէն,
քանի
որ
պատրաստուած
է
ատոր։
Մինչեւ
վար,
գլորման
զգայութիւննե՞րը,
սակայն։
Սողոմը
այդ
տղան
էր
հոդ
մտնելէ
առաջ։
Անոր
աչքերը
գրեթէ
արցունքով
ողջունեցին
լոյսը։
Բայց
ահա
տարադէպ։
–
Ան
ինքզինքը
գտաւ
այն
վիճակին
մէջ,
որ
անոր
սկսող
պատանութեան
ամէն
վաղայարոյց,
բայց
յամառ
զգուշութիւնն
էր,
միշտ
իրենց
եկեղեցիէն։
Վասնզի
այդ
լոյսը,
տարօրէն
հարազատ,
կը
նմանէր
ուռկանուած
այն
դեղնութեան,
որ
ժամուն
գանձատունը
կը
լեցնէր,
երբ
տաղաւարներուն,
եկեղեցին
զարդարելու
համար,
կ’իջնէին
հոն,
չորս-հինգ
ոտք
սանդուխ
ցածնալով
հողին
ընդերքը։
Պիտի
կրէին,
աւուր
պատշաճի
կանթեղ
ու
խաչվառ,
սկիհ
ու
շուրջառ։
Ծերունի
քահանան
կը
դնէր
աշտանակը
մանրահիւս
թել
վանդակէ
մը
ներս,
հաւանական
հրդեհէ
զգուշաւոր
(հոն
այրող
քահանայի
պատմութիւնը
անմոռանալի
կը
մնար
հրաշքովը
մարմինին
մարխի
պէս
բոց
առնելէն,
բայց
ոսկեղէնին
եւ
մետաքսեղէնին
անվթար
մնալէն։
Գեղացին
չի
կրնար
խորհիլ,
որ
փակ
այդ
նկուղին
մէջ
թթուածինը
տէրտէրը
միայն
խորվելու
բաւեր
էր`
ակամայ
խնայելով
թանկ
զգեստեղէններուն,
կանթեղը
շրջելով,
որպէսզի
այրէր
ու
մոխրէր
Յիսուս
Քրիստոսի
փառքին
նուիրուած
սա
սպասները։
Ոսկին
ու
արծաթը
այդ
մաղ-մաղ
թորուած
պայծառութեան
տակ
կը
սարսռային,
ընդհանրապէս
մարմինի
մասեր՝
Քրիստոսի,
Ս.
Աստուածածինէն,
եւ
կամ
ուրիշ
աւելի
հաստ
սուրբերէ։
Իրենց
մէկ
կողմովը
միայն
տեսանելի
այդ
անդամները,
երեսները,
դողացող
փայլին
մէջ
կը
թրթռային
տեսակ
մը
խորութեան
մէջ,
շնչեղէն
բան
մը
առնելով
քիչ-քիչ,
դղրդելով
Սողոմին
ուղեղը,
որուն
ամէն
մէկ
խորշին,
նախնական
մարդոց
այնքան
սիրելի
հրաշալին
հանգոյցներ
ունէր,
աս
ու
ան
սուրբէն,
ճինէն,
դեւէն,
այդպէս
գանձատուններու
մէջ
դարանակալ,
բայց
օգտագործող
հոգիին
մերկ
պահը`
հոն
մտնելու
համար
բռնի։
Կ’ըսեմ
ասոնք,
վասնզի
իմ
ալ
ուղեղիս
մէջ
այդ
էակները
նուազ
տառապանք
չեն
բանած,
մինչեւ
իրենց
չքացումը։
Սողոմին
համար
գանձատունին
մարդկեղէն
ու
անմոռանալի
հրաշքը
սակայն
պատկերն
էր
մեծ
շուրջառին
–
որ
լսածիս
համեմատ՝
1933ին
վաճառուած
է
Սելանիկ,
յոյներուն
–,
երբ
մութ
մետաքսէ
անոր
ծածկոյթը
առնէին
մէկդի
ու
երեւան
գար
մարմինը,
քիչիկ
մը
խնկագոյն
յատակի
վրայ,
արծաթ
դոնդողի
մը
լճակին
մէջ,
սառած
սերկեւիլներուն
թէ
տանձերուն
արիւնոտ
գլխիկներովը
ոճաւոր։
Այդ
շուրջառը,
որ
սուլթանուհիի
մը
մահիճը
կը
ծածկէր,
ըստ
աւանդութեան,
ու
հաճի
Արթինին
վարպետութեամբը
կործանած
եպարքոսի
մը
աճուրդէն
գնուած,
միսթիք
ազդեցութիւն
ունէր
պատանիին
վրայ։
Սառած
դոնդողին
բիւրաւոր
փոսփորափայլումին
մէջը,
պտուղները,
թափանցկացած,
կը
թուէին
կրակէն
նոր
վար
առնուած
քաղցուեղէն,
ու
դրուած
սա
արծաթ
շաքարջուրին,
որ
կտաւն
էր
անոր։
Այս
ամէնը,
այնքան
պարզ,
այնքան
իրաւ,
որ
Սողոմին
վախ
կու
գար
ձեռք
երկարելու
անոր
մարմինին,
վախը՝
անուշին
սեղանը
թափելու…։
Գերիրապաշտութիւն
չէ,
որ
կ’ընեմ։
Մարդկային
հոգին
այս
է,
յոգնած
ընթերցող։
Դուն
պէտք
է
գրես
քու
վէպդ,
որպէսզի
տեսնես,
թէ
ինչերո՜ւ
կրացում
է
հիմա
քու
մարմինդ։
Թէ
ի՜նչ
դիւրութեամբ,
մեզմէ
ոմանց
տրուած
է
վերադարձ
կրնալ
իրենց
հիմնական
մասին։
Եւ
ուրիշներու՝
որքան
արգիլուած,
քանի
որ
այդ
հոգին
դադար
չէ
առած։
Գերիրապաշտ
վէպ
մը
չէ
ատիկա։
Բայց
ըսեմ,
որ
գիտնաք։
Պարապ
տեղը
չէ,
որ
մարդ
տիրացու
կը
ծնի։
Նոյնիսկ
բանտին
մէջ,
նոյնիսկ
մահուան
կլափին
մէջ
տիրացուն
աս
է
ահաւասիկ։
Քարայրին
կանթե՞ղը։
-Պատին
մէջ
փորուած
ծակ
մը։
Զոր
կը
վանդակէր
բաւական
խիտ
ցանցով
թել
ուռկան
մը,
հաստ
տեսակէն։
Անիկա
մօտ
էր
գմբէթի
շրջագիծին,
վեր՝
մարդերու
հասողութենէն։
Զօրաւոր
կղպանք
մը
զայն
կը
պաշտպանէր
դուրսի
ձեռքերէն։
Յեղափոխականները
գիտէին,
բայց
Սողոմը
կ’անգիտանար
մէկ-երկու
տարուան
պատահար
մը,
ուրիշ
բանտէ
մը,
ուր,
սա
քարայրին
նման
խորշի
մը
մէջ,
հայ
մը,
իրեն
չափ
մատաղ,
չդիմանալով
տանջանքին,
կրակած
էր
ինքզինքը,
գործածելով
նման
կանթեղ
մը։
Փորձառութի՛ւնը։
Թուրքերը
մահուան
հանդէպ
ժլատ
են,
երբ
չեն
գոհացած,
չեն
կշտացած։
Պատուհասումը
բնախօսական
պահանջ
մըն
է
իրենց
մէջ,
զոր
կ’աշխատին
չհերքել,
մա՛նաւանդ
կեավուրին
վրայով։
Իրե՜նք՝
այնքան
առատաձեռն,
երբ
կուշտ
են,
հարիւր
հազարներուն
վրայ
արձակելու
համար
անոր
մահուան
բիւրաւոր
բազուկները։
Չհարցուց
սակայն։
Վասնզի
այցուած
էր
նոյնքան
տխուր
ու
դաժան
ուրիշ
պատկերէ
մը,
պատմութիւն
մը
աս
ալ,
իրենց
ժամուն
համբաւով
մէկ
ուրիշ
զարդէն,
քառսուն
մանուկներու
քառսուն
աչքերով
մէկ
ջահը
ատիկա,
նուէ՜ր՝
գեղին
մեծկակ
մէկ
մեղաւորէն,
որ,
ազդեցիկ
ու
հարուստ,
չէր
հանդուրժեր
իր
տունին
մէջ
երիտասարդ
իր
կնոջ
հիւանդութիւնը
–
բարակ
–
ու
տունին
ծառային
շալակը
դրած՝
ղրկեր
էր
մօրը
տունը,
հակառակ
կնոջ
աղ-արցունքին։
Կինը
մեռեր
էր,
առանց
անիծելու
քաջասիրտ
մեծատունը
զաւկըներուն
սիրոյն,
բայց
մեր
բարութիւնը
իր
հականիշովը
կշիռի
կ’ելլէ։
Ու
օրէնք
է,
որ
ամէն
գթութիւն
փոխարինուի
հսկայ
ապերախտութեամբ
մը։
Այս
օրէնքը
ապացուցանելու
համար
մեծատունը
իր
անզգամութեան
վրայ
աւելցուց
ուրիշ
մը,
աւելի
մեծ,
աւելի
անգութ։
Իր
երկրորդ
կնիկին
–
կարգուած
էր
անիկա
մեռելին
քառսունքն
իսկ
չյարգելով,
Մեծ-պահքի
մէջ
պսակի
անկարելիութիւնը
պատրուակ
բռնած
–
վախին
ու
թելադրութեանը
տակ,
իր
վեց
զաւակները
–
հասկնալի՝
մեռած
կնիկէն
–
մեծը
տասներկու,
կրտսերը
հազիւ
քայլ
ելած,
նոյն
անսրտութեամբ
հեռացուց
իր
տունէն
զոքանչին
–
մեռածին
մօրը
–
վրայ
ղրկելով
այդ
անուշիկ
տղաքը,
իրարմէ
աղուոր,
իրարմէ
տխուր,
ոսկի
մազերով,
յուլունք
աչքերով։
Ուր,
մէկիկ-մէկիկ,
չորս-հինգ
տարուան
ընթացքին
մեռնէին
պիտի,
նոյն
անհասկնալի
ցաւով,
որմէ
ինկած
էր
արդէն
անոնց
մայրը։
Հարուստը
չի
վախնար
գեղին
կարծիքէն։
Զինքը
մեղադրեցին,
բայց
չկրցան
կակուղցնել
իր
սիրտը։
Անիկա
պիտի
վախնար
մղձաւանջէն,
որ
հոգէառին
նախատօնակն
է,
միշտ
ատ
գեղին
կարծիքովը։
Ու
եղաւ
ինչ
որ
կը
վախնար
անիկա,
դիմաւորելէ,
գիշերայցութիւնը՝
մեռելներուն։
Անոր
քունը
խանգարուեցաւ
վերջին
գերեզմանէն
դարձին,
երբ
երկրորդ
կնիկին
ծոցէն
անոր
տրուեցաւ
առաջինը
տեսնել,
առողջ
ու
աղուոր,
պարման
իր
շնորհին
մէջ
–
աղքատի
աղջիկ
էր
անիկա
ու
արտակարգ
իր
գեղեցկութեան
համար
հարուստի
հարս
գացած
–
զգլխիչ
ու
անմատոյց,
զինքը
տանջելով
պատկերովը
իր
անարատ
մարմինին,
ու
խուլ
պժգանք
զարգացնելով
իր
մէջ,
երկրորդ
կնիկէն։
Պատուհասումը
հոդ
չմնաց։
Անիկա
իրեն
հետ
բերաւ
իր
զաւակներն
ալ,
բոլորն
ալ
լոյսի
պէս
աղուոր,
մարդ
ու
հրեշտակ
նոյն
ատեն,
սրտառուչ
ու
լալով,
որոնք
կու
գային
շարուելու
իր
դագաղին
շուրջը,
ամէն
գիշեր,
ձեռքերնին
հասակովնին
մոմ՝
անշարժ
ու
տխուր,
ինչպէս
կ’ըլլան
տիրացուներունը
ժամուն
ատեանը,
մահաբեմին
երկու
քովերը,
հանգստեան
կարգին
ամբողջ
տեւողութեան,
դալուկ
մեռելին
վրայ
ցաթելու
համար
մանուկ
ու
միամիտ
իրենց
կսկիծը,
հազար
օտարէ։
Ի՜նքն
էր,
իր
դագաղին
մէջ,
ահռելի
իրապաշտութեամբ
մը,
փեսութեան
շարով,
չուխա
վարտիքով,
քիրմանի
շալով։
Կ’արթննար,
ու
անոր
տղաքը
հանդարտ,
իրարու
ետեւէ
կը
հեռանային`
հետզհետէ
հատնելով,
մոմի
լեզուակ
մը
մնալու
աստիճան։
Կէս
գիշերէն
ժամ
մը
ետքը,
սա
տեսիլքը
անոր
պատուհասումը
պիտի
ըլլար,
աստուածայարդար,
ու
պիտի
արգիլէր
անոր
քունը
գիշերուան
մնացած
մասէն,
մէկ
կողէն
միւսին
դարձնելով
անդադար,
ու
աւելի
տխուրը՝
խոր
գարշանք
առթելով
ծոցի
կնիկէն,
որուն
խելապատակէն
բխած
էր
անաստուած
կարգադրութիւնը
իր
տղոցը
մասին։
Նիհարցաւ
անիկա։
Ու
խոստովանահայր
տէրտէրը,
Աստուծոյ
մատը
տեսնելով
այս
տագնապին
մէջ,
թելադրեց
անոր
Երուսաղէմ
մը։
Հոն,
մեծամօրուս
վարդապետ
մը,
քիչիկ
մը
սուրբ
ու
փախուկ,
որ
թուղթ
կը
բանար
ու
նուսխա
կը
գրէր,
զայն
սրտապնդեց`
յիշելով
դրուագ
մը
նման
հալածման։
Դեւերու
գործ
էր
այդ
պուկին։
Ու
վարդապետին
դարմանն
էր,
եօթնարփեան
ջահը,
մեծ
ողկոյզ
մը
կանթեղներու
ձոյլ
արծաթի
մէջ
փորուած,
մէջտեղինը
մեծկակ
–
մա՜յր
–,
որուն
փարած
էին
ջուխտ-ջուխտ՝
զաւկըները՝
երեք
զոյգ։
Այս
նուէրը,
մեծամօրուսին
հաւաստումովը,
բաւ
էր
կակղելու
Աստուածամօր
սիրտը,
որ
պաշտպանն
է
բոլոր
անիրաւուած
մայրերուն։
Այն
պարագային,
երբ
գոհացում
չի
ստանար
սուրբ
Տիկինը,
հաճիին
պարտք
կ’իյնար
զաւկըներն
ալ
ընել
հաճ,
քառսուն
աչքնոց
միակտուր
կանթեղ
մը
հանդերձել
եօթնախորան
յարդարմամբ,
կրկնելու
համար
խորհուրդը
եօթը
երկինքներուն
«վասն
քաւութեան
ծովացեալ
մեղաց
իւրոց»։
Երանելի
ժամանակներ,
երբ
աբեղաներն
բեմերու
քանթոշ
ներ
չէին,
այլ՝
մեր
ժողովուրդի
հոգեկան
մէկ
կռանիտացումը։
Հաճին,
դարձին,
մեծ
երկիւղածութեամբ,
ձեռքովը
հանեց
սնտուկէն
եօթնաղբար
ը,
որ
հաճի
Արթինէն
նուիրուած
հանրածանօթ
կանթեղախումբէն
մեծ
էր
հասակով,
բայց
կը
կշռէր
անկէ
եօթը
հեղ
պակաս։
Նալպանտենց
կանթեղը
երեք
հոգի
հազիւ
կը
տեղափոխէին։
Նոր
հարուստը,
դեղնած
իր
ձեռքերովը
կրեց
զայն
տաճար։
Տէրտէրը
յիշեց
Անանիան
եւ
Սափիրան։
Բայց
միտքէն։
Յայտնի
էր
Աստուածամօր
սիրտը
պիտի
չկաշառուէր
այդ
նոր,
այսինքն՝
թուղթ
արծաթով։
Ի
վերջոյ
սիրտը
մեր
միսերուն
մէջ
ա՛ն
է,
որ
խորք
ունի։
Նկարին
առջեւ,
կանթեղին
մէջ
այրելու
դրած
ձէթը
ջո՜ւր
կը
դառնար
ինքիրեն,
կէս
ժամէն
ու
կը
մարէր
աղմուկով-նշան՝
ուխտին
ընդունական
չըլլալուն։
Անիկա
պարտաւորուեցաւ
գործադրել
մեծամօրուս
աբեղային
երկրորդ
պատուէրը։
Քառսուն
աչքնոց
ջահը,
գագաթին
մեծ
կանթեղը
–
մա՜յրը
–
Մեծ-պահքի
եօթը
շաբաթները
յիշեցնող
խորհուրդով
մըն
ալ,
եօթը
բոլորակներու
վրայ
ամբարձիգ։
Գագաթի
կանթեղին
իւղը
կ’այրէր
հիմա
գիշեր
ու
ցերեկ,
պահարանի
պատկերի
մը
դէմ,
ան
ալ
Աստուածածնին,
մուրատատուր
ու
հիւանդահաս։
Մեծ-պահքի
չորրորդ
եօթնակին
Շաբաթ
օրը,
քառսուն
ալ
աչքերէն
լուսաւոր
կու
գար
փողփողելու
ատեանին
կեդրոնէն
կախ
«Վերիսաղիմու»
մեծ
ջահին
քովիկը,
անկէ
վար
չմնացող
գեղեցկութեամբ
մը։
Այո՜։
Մենք
շինուած
ենք
մեզմէ
ու
մենէ
շատ
դուրսէն
սա
փշրանքներով։
Ու
մեր
հոգին
համադրութիւնն
է
ուրիշներու
մեղքին
կամ
բարիքին։
Պարապ
տեղը
չէ,
որ
մարդ
տիրացու
կը
ծնի։
Սողոմենց
տղան
փոխուած
չգտաւ
երկու
յեղափոխականները։
Թերեւս
լոյսին
խաղցուկ
ու
մաղմաղ
նկարագիրը
դեր
ունէր
սա
ձեւ
տպաւորուելուն
մէջ։
Երբ
մեր
անցեալը
մեզի
կ’այցելէ
վերի
վերլուծումին
պայծառութեամբը,
մենք
կ’աղօտանանք
մեր
ներկայէն։
Ատկէ
զատ,
անիկա
ունէր
իր
մեղքին
մէջ
թիւ
տասներկու
նկուղէն
ուրուացումը
անոնց
դէմքին։
Քիչ
առաջ՝
մոխիրնոցի
տեսիլքին
մէջ
անոնց
ճառագայթուն
երիտասարդութիւնը։
Կու
գան,
կը
դպին
ու
կ’անցնին
պատկերները,
անկարող
կենալու
մեր
մտքի
տախտակին,
երբ
շատ
հզօր
զգայութիւն
մը,
վախ
կամ
յուզում,
դղրդումի
է
հանած
անիւները
ժամացոյցին։
Սրտաշա՞րժ,
անոնց
հանդիպումը։
-Չեղաւ։
Յեղափոխականը,
ասպարէզի
հարկադրանք,
դիմախաղի
մեծ
մարզանքներէ
անցած,
անզգալաբար
վարժուած
է
պահել
իր
տպաւորութիւնները,
մա՛նաւանդ
սանկ
բանտերու
ծոցը։
Մշտական
վտանգը,
որ
ա՛լ
մթնոլորտ
մը
դարձած
է
անոր
հոգիին,
ինչպէս՝
փոթորիկն
է
մրրկահաւուն,
ու
կամաւոր
զոհը,
զոր
ըրած
են
յօժար,
մարդկեղէն
զգացումներու
մէկ
ստուար
մասէն,
զիրենք
կ’ընէ
սանկ
օտար
մարդեր,
դանդաղ,
դիմային
արտայայտումը
առնելու,
ինչպէս
տալու
համար
խորունկ
յուզումներ։
մահուան
զինուոր
մը
շատ
ալ
չի
տնտնար
ընթացիկ
զեղումներու,
պարտքերու
շաւիղներուն։
Բանտին
մէջ,
սա
վերապահումը
յեղափոխօրէն
անխուսափելի,
դարձեալ
ի
զօրու
է
արտաքին,
այսինքն՝
բաց
աշխարհին
ալ
վրայ,
ուր
նոյն
վտանգը
աւելի
ընդարձակ,
այլամերձ
ծիրով
մը
կ’օղակէ
զանոնք,
վտանգը
հայէն
ու
թուրքէն,
զէնքէն
ու
քունէն,
թուղթէն
ու
լեզուէն։
Ասո՞նք։
-Կ’ընէին
այդպէս,
ինչպէս
կը
գիտակցէր
Սողոմը
լսած
ըլլալ,
Ակնաղբիւրին,
Մօրուքին
բերնէն
(աս
էր
անունը
փոքր
յեղափոխականին,
թէեւ
անիկա
չէր
ծածկած
ատիկա,
անհասկնալի
անփութութեամբ
մը։
Սողոմը
մոռցեր
է
ադ
քիչ
մը
երկար
անունը
որուն
պէտք
ալ
չունէր։
Անունով
չեն
աշխատիր
մարդիկ,
այլ՝
անանուն)
յարգելու
համար
յիշատակը
եւ
անմոռաց
դասը
խանդավառ
ընկերոջ
մը,
որ
Վանայ
թէ
Մշոյ
գեղերէն
մէկուն
մէջ,
առանց
ուզելու
մատնած
էր
տեղացի
երիտասարդ
մը,
կուսակցական
ասիկա,
անխոհեմ
եռանդով
մը
համբուրուելով
անոր
հետ։
Դիւրին
ասպարէզ
չէր
«էդ
յեղափոխութիւնը»։
Հայրը
իր
տղան
ճակտէն
պագնելով
մահուան
կը
ղրկէր։
Տղան
իր
հօրը
դիակը,
առանց
արցունքի,
գերեզմանին
կը
յանձնէր։
«Էդ
էր
պատճառ»,
որպէսզի
«բազումք»
լինէին
«կոչեցեալք,
եւ
սակաւք
ընտրեալք»։
Այո՜։
Կռիւ,
«էդ
գեղում»,
քիչ
ետքը։
Զօրքերու
բազմանալը։
Նահանջ։
Նոյն
օրն
իսկ
թուրքերը
բռնած
էին
կռուողներուն
հետ
չփախած
երիտասարդը,
ու
ծեծի
տակ
մեռցուցած,
հասկնալու
համար
անունն
ու
հանգամանքը
զինքը
համբուրող
ֆետայիին։
Երկու
երիտասարդները
չշարժեցան
իրենց
տեղէն։
Ըրին
այդպէս,
վասնզի
ճանչցեր
էին
սպան,
զիրենք
տանջող
մարմինին
պարագլուխը,
կտոր-բրդուճ
հայերէն
հասկցող
ու
իր
ամբարտաւան
տաճկութեան
մէջ
ինքզինքը
կը
քառակուսէր
հայերու
հանդէպ
անսովոր
ատելութեամբ։
Եղան
այս
մարդերը,
որոնք
գլեցին
չափը
իրենց
զգացումներուն։
Յեղափոխականները
մնացին
անտարբեր,
հիմնովին
օտար,
սպային
նայուածքին
ներքեւ,
որ
հաւանաբար
թաքուն
նպատակներով
սա
տղան
կը
բերէր
իրենց,
երբ
կանխող
ծեծերու
ընթացքին,
անոնք
զայն
չճանչնալնին
յայտարարեր
էին
բացարձակ։
Կնճռոտ,
դէմքը
թթուեցուցած՝
սպան
ելեր
էր
քարայրէն,
նեղուած
գորշ
ձէթէն։
Բայց
մնացեր
դուռին։
Անոր
զննութիւնը,
կղպանքի
կէտերէն։
Հայհոյութի՛ւնը։
Փնտռտո՜ւքը։
Զինուորներուն
հասցէին
շողիքոտ
նախատինք
մը։
Բոլոր
կեավուրներուն
մոյկերուն
ներքեւ
գըթըր-գըթըր
կոխոտումը։
Բաներ
ասոնք,
որոնք
տեղի
ունեցան
մեծ
ու
սառած
լռութեան
մը
մէջ։
Անտարբեր,
զուսպ։
Յեղափոխականներու
սա
անզգած
կարողութիւնը
անցա՞ւ
Սողոմին։
Անշուշտ
չունէր
անիկա
բաւական
խելք
ու
փորձառութիւն՝
գուշակելու
համար
այս
արարողութեան
բուն
զսպանակը,
քանի
սպան,
առերեւոյթ
անտարբերութեան
մէջ,
ամենամեծ
լարումով
մը
կը
հետապնդէր
նորեկին
դէմքի
ամէնէն
նրբին
արտայայտութիւնն
ալ։
Այնքան
անճարակ
էր
անիկա
այս
յանձնարարուած
դերին
համար,
որ
տղուն
նայուածքին
տակ
աչքերը
կը
շեղէր`
խորունկ
ու
թաքուն
հեգնութեանը
արժանանալով
միւսներուն։
Յոգնեցա՞ւ,
թէ
ամչցաւ։
Խուլ,
կնճռոտ
անտարբերութեամբ
մը,
քաշեց
դանդաղ
շղթայապիրկ
դուռը,
որ,
դողդղաց
ու
հեծկլտաց,
ինչպէս
կ’ընեն
ժանեկազարդ
բոժոժները,
թլփատութեան
հանդէսներու
ձիերէն,
երբ
ասոնք
իրենց
գաւակը
կը
թօթուեն
ուրախ։
Վերէն,
կամարը,
խուլ
թնդիւնով
մը
արձագանգեց,
բաղնիքներու
մէջ
սովորական
հագագային
եղջումները
արթնցնելով
տղուն
մէջ։
Բան
մը,
մեծ
ակռայի
մը
նման,
ճրճռաց
դուռին
շրթներէն։
Այսպէս
առանձնացած
խորշերու
մէջ,
ծխնիները
եօթը
տարին
հեղ
մը
անգամ
իւղ
չեն
տեսներ։
Խնայողական,
աւելի
ճիշդը՝
կարգապահական
հաշիւները
այս
ու
այն
վերատեսուչին
մեծ
խելքը
փաստելու
կը
ծառայէին,
երբ
փախուստը
արգիլելու
համար
ամէնէն
փոքր
նպաստն
իսկ
խորանարդ
կարեւորութեամբ
կը
հանէին
արժէքի։
Մէկը
պատգամած
է
այդ
փաշաներէն.
«Ձայնը
զինակից
է
իշխանութեանց»։
Յետոյ,
խուլ
ուրիշ
հարուած
մը
նորէն,
դրան
պորտին։
Ասիական
կանխահոգութի՞ւն,
թէ
պետական
հրահանգ։
Սպաները
բանտաքաղաքին
բոլոր
դուռները
ամուր
կը
բռնեն`
մոռնալով
միայն,
երբեմն-երբեմն,
դուռները
ուտեստեղէնի
մթերանոցներուն,
որոնք
լաւ
կղպուած
չեն
ըլլար,
երբ
գիշերը,
երեսի
վրայ
բաց
կը
գտնուին
աչալուրջ
պահակներէ։
Ու
քայլեր։
Սկիզբները՝
որոշ։
Հետզհետէ՝
աւելի
վեր։
Սողոմը
առաջին
անգամն
էր,
որ
կ’առնէր
իջնելու,
խորնալու
սա
զգայութիւնը,
ուրիշներու
ելքովը,
բարձրացումովը
պայմանաւոր։
Հատան
ձայնի
այդ
կայլակներն
ալ`
ըսես
ծնելով
հողին
մեծ
ընդերքէն։
Ու
նկուղը,
շղթայով
սենեա՜կը՝
դարձաւ
իր
լուսակոծ
ամայութեան։
«Վերջապէս»,
պիտի
բացագանչէր
հաւանաբար,
սիրային
թերթօններու
ճարտար
յարդարող
մը,
երկու
սիրահարները,
բազմապտոյտ
իրադարձութիւններէ
ետք,
իբրեւ
առանձնարան
մը
առաջնորդելուն
մեծապէս
ուրախ։
Չըլլալով
այդ
թերթօնագիրը,
կը
ձգեմ
տղան
սա
խորունկ
լռութեան
ծոցը`
հետեւելու
համար
անոր
ուղեղը
կրծող
ուրուախաղին,
որ
մարդոց
մէկ
մասին
մէջ
կեանքէն
աւելի
կ’արժէ
երբեմն։
Առէք
արուեստագէտէն
իր
երազանքին,
զգայութեանց,
կիսակամ
իղձերուն
նեւտոնեան
սկաւառակը,
մնացեա՞լը։
Հաստ
քաղքենին
է
կամ
թշուառ
թափառականը։
Ու
ատիկա
այսպէս՝
նաեւ
դաշտին
մէջ
ցորեն
քահնող
հարսնուկին
համար։
Սողոմը,
մթնոլորտէ
մթնոլորտ
իր
փոխադրումներուն
մէջ,
կարծես
աւելի
բարակցեր
էր
իր
ջիղերէն,
որոնք
բուռն
զգայութեանց
պարախումբէ
մը
փոխն
ի
փոխ
կը
պրկուէին
ու
կը
լքուէին։
Տարօրէն
գերզգայ։
Մոխիրնոցի
գրեթէ
բացօթեայ,
բազմամբոխ,
բաղնիք
կամ
հրապարակ
թելադրող
կայանէն՝
սա
փոսը,
վիմափո՜ր
քարայրը,
որ
կը
յիշեցնէր
իրեն
ծանօթ,
ընդերկրեայ
գերեզմանները,
այնքան
յաճախադէպ
Նիկիոյ
լիճին
երկու
ափերուն,
անիկա,
անցումներուն
արագութեան
տակ,
անկարող
էր
ինքզինքը
հաշտեցնել,
մէկ
գիծի
բերել
իր
զգայապատկերներուն,
երկու
երեսով,
–
ներսէն՝
ուղեղին
տակէն,
յորդ
ու
բուսական,
անսպասելի՝
ինչպէս
յիմար,
զինքը
հեռուները
հանող
մեծ
ծփանքի
նման,
կանթեղէ
մը
դէպի
անցեալը
հրուող,
–
դուրսէն՝
ոտքին,
մորթին,
աչքերուն
ճամբաներովը,
որոնք
ի
վերջոյ
կը
յանգէին
միշտ
նոյն
անցեալին։
Մօտիկ
անցեալը,
այս
փայլակումներու
ընթացքին,
կը
նմանէր
լեռնամասի
մը,
զոր
թանձր
մշուշ
մը
սքողուած
կը
պահէր
անտեսանելի,
բայց
նոյնքան
ահաւոր։
Չես
գիտեր
ինչո՞ւ
ողջ-ողջ
թաղուելու
իր
սկզբնական
զգայութիւնը
կը
յամառէր
աճիլ
ու
ճշդուիլ։
Հեքիաթներուն
մէջ
սիրական
տարազն
էր
այդ
թաղուիլը,
որուն
կը
մտածէր
անիկա
զրոյցին
աւարտումէն
ետքն
ալ,
ինքզինքը
դնելով
տեղը
պատմութեան
հերոսին,
երբ
յանկարծակի
բացուող
լեռնէ
մը
ներս
կը
քաշէր
տղան
ու
չէր
մեռներ
վախուն,
լերան
իր
վրայ
փակուելէն
վերջը։
Մատչելի՞,
–
գրեթէ՛։
Այդ
հեքիաթներէն
դրուագ
մը։
Ջրհոր
մըն
էր
ատիկա,
կախարդուած
պարտէզի
մը
խորը։
Իր
սիրածը
–
զոր
դեւ
մը
գողցեր
ու
առեր-տարեր
էր
այդ
ջրհորէն
վար
–
հետապնդող
երիտասարդը
մօտիկը
ծաղկող
վարդենիէն
սորված
էր
գաղտնիքը,
–
կախուիլ
չուանէն,
իջնալ
վար,
մինչեւ
որ
երկու
ոչխարներ
երեւէին։
Սեւին
վրայ
նետուիլը
զինքը
կ’առաջնորդէր
վարի
աշխարհը։
Ճերմակին
վրայ
նետուիլը՝
ճամբա՛ն,
դէպի
սիրածին։
Հեքիաթը
կարճ
չի
պատմեր։
Երիտասարդը
սեւին
փոխարէն
ճերմակին
կը
հետեւէր։
Ու
իջեր,
իջե՛ր,
իջե՜ր,
մինչեւ
փորը
երկրին,
անդիի
աշխարհը,
ան
ալ
մերինին
պէս
հողով
ու
քարով,
վարդով
ու
փուշով…։
Այս
զգայազեղծումները
բացատրելի
են
գեղացիներուն
մէջ,
պատանեկան
կեանքին
չտարազուած
հոծութեամբը,
որ
հեքիաթով
կը
սնանի
առաւելապէս,
քանի
որ
զուրկ
է
քաղաքին
բազմաստեղծ
նպաստներէն։
Կը
ձգեմ
անոր
ուրիշ
տպաւորութիւնները՝
ծանրանալու
համար
հիմնականին։
Անիկա,
փապուղիէն
էջքի
ընթացքին,
շղթայով
սենեակ
մուտքէն,
դրան
փակումէն
ալ
ետքը,
հզօր
ճնշումին
տակն
էր
մեծ
մղձաւանջին,
որմէ,
հակառակ
ճիգին,
չէր
կրնար
ինքզինքը
ազատել,
այնքան
մոխիրնոցի
տեսիլքը
պայծառ
փորուած
կը
տանէր
իր
ուղեղէն։
Քալեր
էր
դէպի
փոսը,
զինուորներէ
շրջապատ,
բայց
քալեր
կարծես
մէկ
թիւին
մէջը
այդ
բազմածալ
երազին։
Նիկիոյ
լիճի
ափերուն
ըսի,
թէ
կան
այս
կամարակապ
ճամբաները,
գետնափոր
սրահները։
Բայց
վտանգաւոր
են,
օձերուն
ու
կարիճներուն
չափ,
հոն
պահուած
քընց
մեզ
աղէկներով
…։
Անիկա
անգամ
մը
ինկեր
էր
ալ
գետին`
շփոթելով
հողին
ափը,
որով
դէպի
շղթայով
սենեակը
կը
ցածնար
անիկա։
Քիչ
մը
արագ,
հեքիաթին
թելադրած
էջքին
հետ,
ուղիղ՝
սիրտը
երկրին…։
Շփոթեր՝
վասնզի
կը
վախնար
իր
ուղեղէն
ճառագայթած
տեսիլքին
հաշուոյն։
Կարկամ
մատներովը
բռներ
էր
շրթները՝
թունդ
առնող
երգը
արգիլելու
համար,
երազէն
գալարափողուած
սրտառուչ
պատգա՛մ,
որ
ուժ
կ’առնէր
երկու
աշխարհներէն
ալ…։
Երդումներ,
սրտագին,
խորունկ,
Ազատութեան
երգին
զուգընթաց…։
Դարբին
Թորոսը
եւ
անոր
դիմածռումը,
հրացանին
բլթակը
համբուրած
ատեն…։
Շատ
գիտցուկ,
հաջան
Ուստիանը,
գերեզմանի
դուռին,
դրամներու
տոպրակը
մէջքը
թխմած
պահուն…։
Ընկերներ,
առջի
անուշիկ
բանտէն,
մէկը
մանաւանդ,
որ
քալեր
էր
իրեն
հետ,
Նալպանտենց
տանիքէն,
ու
չէր
ձգած
զինքը
մինչեւ
լուս,
ոճիրին
բոլոր
արարմունքներուն։
Յետոյ՝
վարագոյրները
այդ
մեծ
տրամին։
Նալպանտենց
սանդուխը։
Տանիքը,
իր
քրտինքը՝
անձրեւանոցի
կափարիչը
փրցուցած
ատեն։
Կատուները։
Աղուորը,
որ
անհուն
պժգանքի
մը
պէս,
թարախոտ
ու
հոտած,
կը
սեւնար
անոր
ուղեղին,
մամուկի
մը
ուռած
փորովը։
Սերոբին
հռնդիւնը։
Հաճի
Աննան։
Դանակին
շշունջը։
Կրակը։
Կռիւը։
Ծեծը…։
Հիւանդանոցը։
…
Երկու
թրքուհիները։
Բոլորը՝
պատէպատ
գնացքով,
առանց
ժամանակի
սանդուխին։
Թաւալգլոր
այս
փախուստին
մէջը
պատկերներուն,
գրեթէ
մօտիկ
պատմութիւնը,
որուն
մէկ
կարկառուն
դրուագը`
Սամիկ
Սամունը,
երկու
ձեռքերէն,
չղջիկի
պէս
բռնած
կինն
ու
աղբարը,
գլխուն,
իր
թեւերովը
ամուր
օղակած
իր
վիզը,
մանչուկը,
ու
մարմինին
միւս
գիծերուն՝
սատանաները,
որոնք
կրակէ
նիզակներով
կը
շիշտէին
իր
միսերը,
մինչ
ուրիշներ
երկժանիով
կը
բանային
անոր
բերա՜նը…։
Ու
քոմիթաները`
ամէնէն
պայծառ
դէմքերը
տեսիլքին,
լոյս
հագուած,
ժամու
պատկերի
պէս
(ինք
պիտի
ըսէր
պարկենքի
պէս)
գեղեցիկ,
տխուր,
սրտառուչ,
ծռած,
օդէն
ուրուացող
բանէ
մը
փախչող,
որ
կացին
չէր,
այլ՝
թաթ
մը,
հարիւր
մատերով,
կարճըցած
ու
աճող,
մօտիկցող
ու
հեռու,
ձեւելով
օդին
մէջ
անոնց
փէշերուն
խղդող
օղակը,
ուրուատիպ,
բայց
յստակ,
անխուսափելի։
Ու
այդ
սպառնալիքին
դէմ
այդ
մարդոց
անայլայլ
հանդարտութիւնը,
մեծվայելչութիւնը,
ճիշդ
ու
ճիշդ
նահատակներու
երանութեամբ,
վերացած
ահէն
ու
մահէն։
…Վերը`
մոխիրնոցը,
Սողոմենց
տղան
հետն
էր
այդ
մարդոց,
աչքերը
գոց
ու
երգած
պահուն։
Ու
հիմա,
այսինքն՝
քիչ
վերջը,
հողին
փորին
մէջ,
դէմ
դէմի
անոնց։
Ու
խաղաղութի՜ւն։
Հողին
ընդերքին
մէջ,
ինչպէս
Յովնանը
«կէտին
փորին
մէջ»ը.
մտածեց
Սողոմը,
բայց
չարտասանեց։
Գմբէթին
կոտրած
մէկ
աչուկէն
հով
մը,
որ
կը
զարդարէր
բանտուած
բոցը,
իր
վանդակէն
ներս,
ուրուային,
ծակ-ծակ,
ծալ-ծալ
կտաւ
մը
խաղցնելով
ճակատի
պատին։
Ու
խաղաղութի՜ւն։