***
Ու
ձայն
մը.
-Նստիր,
աղբէր
ճան,
նստիր։
Երաժշտական,
ներդաշնակ
այդ
աղբէր
ճանը
։
Ամէնէն
դիմացկուն
տարազը
Սողոմին
մէջ,
սա
մարդուն
այնքան
ըսածներէն,
պատմածներէն.
հիմա
մոխիրին
նման
անցած
ետեւը
անոր
մօտի
յուշքերուն,
զանգուած,
պղտոր։
Պատանիներուն
մօտ
միայն
կարելի
այլուրութեամբ
մը,
որով
այդ
տարիքը
այնքան
բնական
հակազդեցութեամբ
ինքզինքը
գիտէ
ազատել
մեծերը
անդամալոյծ
շղթայող
հզօր
կապերէն,
այդ
հնչումին
հետ,
Սողոմը
ինքզինքը
գտաւ
թեթեւցած
մէկէն։
Զուարթութեան,
հանգիստի
սա
պահանջը
կեանքի
մութ
օրերուն
հակահարուածն
է
մեր
մէջ։
Տառապանքի
երկար
հանդէսէ
մը
յետոյ,
կարօտը
ունինք
սա
խաղաղութեան։
Այս
չկասկածուած
ուժն
էր
աւլեց,
պարպեց
անոր
ուղեղը,
գէթ
սա
պահին
համար,
փոթորկոտ
ու
տխուր
դրուագներէն,
որոնք
հիւսեր
էին
իր
գլխուն՝
սա
երկու
ամիսներու
ամօթանքն
ու
բեկումները։
Թուրքէն
հեռու
ըլլալու
միամիտ
պատրանքն
ալ
կ’աւելնար
այդ
յոգնութեան։
Տեսաւ,
որ
չէր
նստած։
-Հա՜,
հա՜…
Սողոմն
էր,
բայց
վարանոտ։
Տեղէ՞ն՝
թէ
իրմէ
վախ
մը
կը
միջամտէր
խօսելու
պէտքին։
-Աղբէր
ճա՜ն։
Խոր
իր
ուրախութիւնը՝
գտած
ըլլալուն
շեշտը,
որով
խօսեր
էր
սա
մարդոց
հետ,
Ակնաղբիւրին,
երբ,
տղու
պէս
ժպտեր
էր
իր
յաջողութեան,
անոր
ձայնը
հարազատ
կաղապարելով։
Մի
զարմանաք։
Ամէնէն
մեծ
պետական
մարդն
ալ
այսքան
յիմար
է
իր
փոքր
հաճոյքներուն
կամ
մեծ
ապուշութիւններուն
մէջ։
Նստի՜լ։
Դիւրին
չէր
ատիկա։
Գնդակով
ծակծկուած
անոր
մարմինը
քիչիկ
մը
ծուռումուռ
բան
պարտաւոր
էր
ըլլալու,
խնայելու
համար
կարգ
մը
ցաւեր։
Վէրքերը
բոլորն
ալ
չէին
փակուած։
-Նստիր,
էլի։
Ու
մանրիկ
բռունցքը
կրտսեր
յեղափոխականին
իջաւ
յատակին։
-Քեզնից
ուժով
է։
Յատակի
մարմարն
էր
անշուշտ։
Թէեւ
բարակ
ու
փոշոտ
սեւութիւն
մը
ակնարկը
շփոթ
ընէր
նայողին,
առաջին
յառումին։
-Մարմար
է,
աղբէր
ճան,
մարմար։
Ատիկա
գտնողն
էր
յեղափոխականը,
որ
օրը
գիշեր
էր
ըրած։
Թեթեւ
հող
մը,
ջուրէն
մրուր,
կը
կակուղցնէր
կարծրութիւնը
այդ
յատակին։
Բայց
կ’ընէր
զայն
նոյնքան
գերեզմանական։
Տեղերը,
ինչպէս
դէմքերը,
ունին
իրենց
կնիքը։
Ո՞ր
հրաշքով
թուրքերը,
իրենց
զգացական
լինելութեան
հիմնական
նկարագիրը
փոխադրած
էին
երկրին
մինչեւ
ընդերքը։
Ո՞ր
հրաշքով՝
հին
մեհեանի
մը
այդ
գեղեցիկ
աւազանը
վերածուեցաւ
սա
ողջ
դամբարանին։
Սողոմէն
առաջ,
երկուքը
(մեծը
չէր
խօսեր)
հարցուցեր
էին
իրենք
իրենց
այս
մեծ
գիւտէն
ու
զարմացեր՝
«աշխարհքի
բանին»։
Նո՞յն՝
ազգե՜րը,
հողին
տակն
ու
վրան։
Ժպիտի
մօտ
բան
մը
ուրուացաւ
Սողոմին
դէմքին։
Անիկա
չէր
գիտեր,
թէ
այդ
սուր
ժպիտը
իրական
վախի
մը
տարտամ
վարշամակն
էր,
բռնի
առնուած։
Իր
վա՞խը։
Բայց
կը
հաւատար,
թէ
իջած
էին,
վար,
շատ
վար,
երկրին
տակերը
մինչեւ։
Ու
ամօ՜թը՝
այդ
վախը
տարազելու,
որ
կը
փոխուէր
սուտ
խնդուքի։
Կամացուկ,
տուաւ
կռնակը
սառուցիկ
պատին։
Կը
տառապէր
զիստի
մեծ
վէրքէն։
Առողջ
ոտքը
առաջ՝
իջաւ
անիկա
ցած,
մատաղ
ուղտի
մը
նման։
Տքաց։
Ցաւերը
թօթուեր
էին
իր
ոսկորները։
-Ո՞ւր
ենք,
աղբէր
ճան։
-Աղբիւրի
ակին։
Ձայներ։
Կարծես
անոնց
տակը
ըլլար
պարապ։
Վասնզի
ձայները
կը
հասնէին
իրենց
ներքեւէն։
Յետոյ՝
դո՛ւռը։
Որ
ճչաց
ու
տուաւ
տեղի։
Երկու
հիները
մռայլեցան։
Այդ
ժամերուն
անոնք
տանջանքի
կը
կանչուէին։
Ու
բանտէն
ներս
ամէն
նոր
շարժում
յուզում
կը
բերէ։
Նեղ
այդ
բացուածքէն
թեւ
մը
ներս
նետեց
երկու
պաթանիա։
Բանտարկեալները
կը
սպասէին
բացումը
դուռին,
ինչ
որ
չունեցաւ
տեղի։
Ճեղքը
փոքրացաւ
կրկին։
Դուռը
տքաց,
դողաց,
ճրճռաց։
Ու
ամէն
ինչ՝
քիչ
առաջուան
յաջորդութեամբ,
մինչեւ
լռութեան
անշարժ
հաստատումը։
Զգացած
էին,
որ,
դուրսէն
մեկուսացուելէ
յետոյ,
նկուղը
չէր
խանգարուեր
ներսի
խօսքերով։
-Կ’երեւի
էս
բանտին
օրէնքն
ա,
-
մտածեց
բարձր,
կարճահասակ
քոմիթան,
որ
մոռցեր
էր
վերմակը,
բանտը
իյնալէն
ասդին։
-Հո՞ն
ինչու
չտուեցին…
Մտածեց
կրկին,
փոխադրելով
ինքզինքը
թիւ
տասներկու
նկուղը։
Պաթանիաներուն
հոտը
սուր,
շատ։
Սողոմը
յիշեց
հիւանդանոցը,
անոր
կապուած
ուրիշ
պատկերները։
Յոգնած
էր
սակայն։
Պարտաւորուեցաւ
փոխել
նստուածքը`
ափին
բեռցնելով
մարմինը
դարձնելու
հոգը։
-Բան
չի
կայ,
էլի…
Կը
մտածէր
բարձրաձայն,
միշտ
նստած
տեղէն,
միջնամատը
ուղտի
սապատի
պէս
եռանկիւնած,
խփելով
պատերուն,
ընկեր
Մաթիկը։
-Ամէն
տեղ
խփել
եմ,
էլի…
տես։
Պատը,
զարկին
դէմ
կը
հանէր
խոնաւ,
միակտուր
աղմուկ։
Կեանքը
երբեմն
կը
նմանի
նոր
բռնկող
կրակի։
Դանդա՛ղ՝
ծաւալումը,
առաջին
կայծերուն։
Ու
ճիշդ
է
ասիկա
նոյնիսկ
եղերական
պայմաններու
մէջ,
երբ
հոգիները
պարտաւոր
են
կերպով
մը
իրենք
զիրենք
յարմարիլ
աղէտին
ճնշումին։
Նոր
«շեշտաւորումը»
դժկամ
է
յաճախ։
Խօսքի,
եռանդի,
կրակի
մեծ
առաքեալ
ընկեր
Մաթիկը,
այս
անիմաստ
ճիչերով
կը
ջանար
կոտրել
այդ
բիւրեղացումը
նախ
ինքը
իր
մէջ։
Երկու
ամիս
կայ
կարօտն
ունէին
երրորդին,
բայց
այսպէս
«միջակ»։
Առանձին
խօսքը
միշտ
ալ
ինքնատիպ
արհամարհանք
չի
նշանակեր,
որով
կեանքէն
իրենց
դառնութիւնը
կը
զովացնեն
երբեմն
մարդիկ,
Յետոյ,
չխօսիլը
բաւարար
զրկանք
է
կ’ըսեն։
Կան
բանտեր,
ուր,
պատիժը
«կը
լրանայ»
խօսքէ
զրկումով։
-–
Ամէնէն
անողոք,
ընդունելի
քաւութի՛ւնը՝
կիներու
յատուկ
զգաստարաններու
մէջ։
-Տես,
տե՛ս։
Կը
զարնէր
մատը,
պատի
երեսին։
Ու
կը
տրամաբանէր՝
իբրեւ
թէ
մարդու
երես
ըլլար
գորշ
ու
աղտոտ
այդ
ծեփը։
-Որ
ձայն
նոյն
եկաւ
դուրս,
նշանակում
է
առողջ
ա…
Բժշկութեան
վրիպած
ուսանող
ընկեր
Մաթիկը
պատերու
հետ
կը
վարուէր
«էնպէս»,
ինչպէս
հռչակաւոր
փրոֆեսէօր
Զուրիէֆը՝
հիւանդներու
կուրծքին
հետ։
Առաւօտէն
ըրած
էր
փորձերը։
Ու
անոր
մատը՝
մանր,
սիրուն,
բժիշկի
էր
վայել։
Հասակին
ներած
չափով,
անիկա
մատէն
էր
անցուցած
պատերը
շուրջանակի։
-Իմ
առաջին
գործն
է
լինում։
Բացաւ
պաթանիան։
-Մարդ
չլինի…
Առարկողը,
ինք՝
իրեն,
առանց
նայելու
բարձրահասակ
տղուն,
որ
չխօսելուն
չափ
չէր
ալ
նայեր
Մաթիկին՝
ինչպէս
Սողոմին,
շքեղ
անտարբերութեամբ
մը
ընդդէմ
մարմնեղէն
ամէն
երեւոյթի։
Սողոմը
չհասկցաւ։
-Մարդ
որ
ասացի,
հասկանալի
է,
էլի…
Ու
անոր
քաղցր
ժպիտը՝
ինչպէս
սիրուն
մատները
կը
ջանային
թելադրել
զինուորական
զգեստեղէններու
մէջ
բոյն
կազմած
լիլիբութեան
բնակչութիւնը,
թրքական
բանտերուն
չարքաշ
ու
քաջավարժ
ոջիլները,
որոնք
բռնի,
ընտանութիւն
կը
հաստատէին
ամէն
եկուորի
հետ,
իրենց
անողոք
ողջոյնովը,
կծու
ու
տաք։
Քոմիթաները
զուարճութեան
սուղ
ալ
յիշատակներ
պահած
են
անոնցմէ։
Անոնց
գօտեմարտութիւնը
որոշ
շահագրգռութիւն
կը
ստեղծէր
ընդարմացած
հոգիներէ
ներս։
«Երջանիկնե՜րը»,
անոնց,
որոնց
գլուխին
բախտ
ալ
կը
փորձուէր։
Բանտարկեալները,
գրաւ
կը
դնէին
զոյգ
ոջիլներու
վրայ
ձիարշաւի
մանրանկարով,
ու
կը
շահէին
կամ
կը
կորսնցնէին,
համաձայն
բազմոտանի
միջատներու
հերոս
արագութեան։
Մաթիկը
տարաւ
զայն
քթին։
-Քիթո՞վ
կը
տեսնեն,
-
չկրցաւ
չըսել
Սողոմը։
-Ի
հարկէ՜։
Աչքը
ի՞նչ
է
բաւում։
Քիչ-քիչ
կը
ջերմանար
յեղափոխական
Մաթիկը,
վերջապէս
«խօսք
ա…»,
այսինքն՝
խօսիլ
ըսուած
բան
մը
կար
աշխարհի
երեսին,
թէկուզ՝
բանտի
սա
խոռոչին
մէջ։
Յետոյ,
«դէն»
ընելով
քիթէն.
-Հիւանդ
հոտում
է,
աղբէր
ճան…
-Բժի՞շկ
ես
դուն։
-Ի
հարկէ։
Խնդաց
պայծառ,
բարի,
միամիտ։
Անցեր
էր
բառին
կամարովը՝
իր
համալսարանը,
աղջիկներով,
դասախօսներով,
հիւանդներով։
-Ա՛,
դա՝
ասիդ
ֆինիք
է…
-Ա՛…
տես
մի,
տես
մի…
Ու
հոտուըտաց
կրկին.
-
Տէնտուր
տ’իօդ
…
Շատոնց
ոտքի
էր
անիկա։
Պատերը
կրկին
զննուեցան։
Անոնց
մէջ
պահուըտած
մարդերու
–
լրտեսներ
–
առասպելը
փաստովի
հերքուած
էր
բժիշկ
Մաթիկին
մատէ
հաւաստովը։
Ահռել՝
այդ
ոսկորը։
-Սիրտն
էլ
կարելի
է
էսպէս
հասկանալ,
-
եզրակացուց
անիկա՝
հպարտութեամբ
սեւեռելով
մատով
կազմուած
եռանկիւն
գագաթը։
Ժամը
կը
դառնար
իր
իմաստին։
Ո՛չ
մէկ
աղմուկ,
որ
յաջողէր
թափանցել
մինչեւ
սա
վիրապը։
Միօրինակ
օդին
մէջ,
ատեն-ատեն
բարակ
մսուք
մը
կը
պտըտէր,
գմբէթին
կոտրած
մէկ
աչքէն
ներս
ինկող,
հովի
ձեւին
տակ։
Ու
մարդերը՝
ամէն
մէկը
իր
յուզումներուն
եւ
երազներուն
բեռովը։
Լրտեսուելէ
ապահով,
բժիշկը
–
ատամնաբուժական
ուսանող
էր
եղած,
առանց
շրջանը
աւարտելու,
Մոսկուայի
«ֆաքիւլտէթում»
ու
կը
գուրգուրար
իր
տիտղոսին
վրայ,
զոր
կը
յօժարէր
զոհել
միայն
յեղափոխական
մեծ
բառին.
ընկերը
աւելի
կ’արժէր,
քան
բժիշկը
–
մտաւ
հաճ
տրամադրութեան
մէջ։
Բանտ
չըլլար
իրենց
վրայինը։
Անոր
այս
արտայայտութիւնը
տպաւորեց
Սողոմն
ալ։
Քոմիթաներ
գերբնական
մարդերու
վերածող
առասպելը
կը
սկսէր
պարզուիլ։
Հատած,
ծեծի
տակ՝
կապուտիկ
նշաններով
ուռեցուոր
անոնց
դէմքին՝
կար
քաղցր,
համակերպուն
շնորհ
մը,
որ
տուրքն
է
մեր
ներքին
իմաստութեան։
Իբր
թէ
չըլլար
անիկա
անցած
թուրքին
ձեռքէն։
Հարուածներու
խստութեան
դէմ՝
իր
ահաւոր
դիմադրութեամբը,
մա՛նաւանդ
տանջանքի
րոպէներուն
աչքերը
փակելու
եւ
ակռաները
իրարու
հիւսելու
կապկային
պրկումներովը
նուաճած
էր
խստապարանոց
տասնապետները,
որոնք
պաշտօն
ունէին
չսպաննելու,
բայց
բառ
կ’ուզէին
անոր
չբացուող
բերանէն։
Երկաթներով
ջախջախեր
էին
անոր
ակռաները
վերէն
ու
վարէն։
Փոյթը
չէր
սակայն։
Կոտրած
ատամներուն
սուր
մասերը
ա՛լ
չէին
կտրտեր
իր
լեզուն,
գերագոյն
գործարանը
անոր
մարմինին,
շատ
արագ
գտած
էր
կերպը
յարմարելու
նոր
պայմանին։
Անոր
կեանքին
միակ
իմաստը,
–
յեղափոխութի՜ւնը։
Ու
անոր
ալ
արտաքնացումը՝
խօսիլ
։
-Լա՜ւն
է,
աղբէր
ճան,
լաւն
է։
«Ի՞նչ»,
հարցնէր
մէկը
սա
տղուն,
որ
տարօրէն
խոր
պայծառատեսութեամբ
մը,
իր
մահը
այնքան
մօտ
կը
զգար,
հոգեվարքը
կանխող
կարճ
դուլին
մէջ,
որով
հիւանդը
կը
զատուի
երկրաւորին
պարունակէն։
Ու
անոր
այս
գոհունակ
հովը
Սողոմին
վրայ
կ’անդրադառնար՝
հետզհետէ
անձուկի
վերածուելով։
Բայց
յիշեց,
թէ
առաջին
շփումին
ինք
ալ
զգացեր
էր
այդ
հովը
իր
մէջ։
«Լաւն
էր»։
Վասնզի
իր
ճակատագիրը
իր
լրումին
հասցուցեր
է
զինքը,
ինչպէս
կը
զգային
այդ
անճառ
հեշտանքը
մեր
հին
նահատակները,
երբ
դանակին
առջեւ
ծունկի,
աճապարանքն
ունէին
աւելի
շուտ
մեռնելու։
«Լաւն
էր»,
վասնզի
պիտի
խօսէր
երրորդի
մը
հետ,
որ
հաւանաբար
շատ
բաներ
ունէր
հաղորդելիք
մեր
ժողովուրդէն։
-Լաւ
մի
քէֆ։
Ու
անոր
«քէֆը»,
իբր
ձայնական
տարր
ոչինչով
«ընդհատ
էր»
Ակնաղբիւրի
երանգէն։
Աս
է
ահա
ինչ
որ
մարդիկ
կը
կոչեն
ճակատագրական։
Երկու
ահաւոր
ամիսներ,
իրենց
ծայրագոյն,
մարդկօրէն
հնարելի
բոլոր
գազանութիւններուն
մամուլովը,
կռանովը
չէին
փոխած
սա
տղուն
հոգին։
Վտանգի,
գուցէ
մահուան
մէջ
ալ
սա
անփութութիւնը,
յօժարութիւնը
յեղափոխական
մարդոց
բացառիկ
շնորհն
էր
ըլլալու,
ինչպէս
կը
մտածէր
Սողոմենց
տղան,
հիացած՝
անվերադիր
ընտանութեան,
քարին
ու
գերեզմանին
հետ
այսքան
դիւրին,
բնական
իրաւ
հաշտութեան։
Ակնաղբիւրի
տղա՞քը։
Չէր
այս
արի
ու
պարզ
երիտասարդը
ինչ
որ
եղեր
էր
հոն,
կրակոտ
ու
զգոյշ
այն
ատեն։
Նո՞ր,
ուրեմն,
սա
հանդիպումը։
Իրողութիւն
էր,
որ
թրքական
խստութիւնները
ստեղծեր
էին
լուսապսակ
հեքիաթը
սա
մարդոց,
որոնց
քաջութեան,
ուժին,
անգթութեան
եւ
դիմադրող
լռութեան
մասին
Դարբին
Թորոսը
այնքան
խոր
զմայլումով
կը
խօսէր
իրենց,
Մաթիկին
դեռ
ժամանումէն
ալ
առաջ։
Դարբինը
եղեր
էր
անոնց
մէջ,
Պոլիս,
Պանքայի
դէպք
ին
ու
անկէ
առաջ։
Ու
կու
տար
ուրուանկարները
այդ
առասպելեալ
արարածներուն,
այնքան
պարզ,
այնքան
խեղճ,
իրենց
մաշած
փանթալոններուն
աղքատութեանը,
կամ
բեռնակիրի
համետին
տրտմութեանը
տակ,
բայց
որոնք
հրաշքով
կը
փոխուէին՝
դառնալու
համար
ահաւոր
առիւծներ,
մահուան
վրայ
յարձակող՝
փերչէմը
հովին,
հոգուով՝
ծարաւի
«երկնային
առագաստին»։
Ի՞նք,
Սողոմենց
Սողո՞մը։
Անշո՛ւշտ
որ
խեղճ
մարդ
էր,
ատոնց
մօտ
դրուած,
այն
ատեն
ալ,
ինչպէս
հիմա։
Ատիկա
զգաց,
մա՛նաւանդ՝
երբ
իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
կը
շարունակէին
իջնալ
դէպի
երկրին
տակը։
Հողէն
կլլուելու
սա
շատ
որոշ
զգայութիւնը՝
գլխապտոյտի
մը
հետեւանքը
թէեւ,
բայց
նոյն
ատեն
հոգեկան
տկարութեան
մը
անծածկելի
փաստը
եղաւ
իրեն։
Սա
պարապը,
իր
ներքեւէն,
անկայուն
կ’ընէր
անոր
ուղեղը,
որ
կը
նմանէր
մէջտեղէն
կիսուած
անուշի
կլորատիպ
ամանի։
Հոսում,
հեղուկացում…։
Ազատելու
համար
այս
թմբիրային
զգայութիւններէն,
ջանաց
միտքը
գործածել,
Դարբին
Թորոսին
ճառագայթումովը։
Կը
նեղուէր,
ու
ցաւ
էր
ատիկա,
վասնզի
թելեր
կը
քաշուէին
ականջին
տակէն
դէպի
գանկին
ետեւները։
Անոր
ջիղերը
սպառած
էին։
-Ի՞նչ
ես
մտածում։
Անցուց
իր
մատը
անոր
աչքերուն
առջեւէն,
բժիշկ
Մաթիկը`
աւելորդ
գտնելով
իր
անձէն
ներս
այսքան
սուզում,
երբ
կարիք
կար
խօսքի։
-Չեմ
մտածեր,
աղբէր
ճան…
Չէր
գտած,
չէր
գտներ
ինքզինքը։
Գանկը
կը
թուէր
կակուղ,
ուռած
տոլի
մը
նման,
ջուրին
դրուած։
Ու
կը
վախնար
մատով
դպելէ
անոր։
Կակուղ
ոսկորի
այդ
զգայութեան
կ’աւելնար
տակաւին
ուրիշ
մը,
ան
ալ
խմորային,
այդ
ոսկորին
տակէն։
Ու
ատոր
գիտակցիլը՝
ցաւ
էր
իրեն,
նիւթական
ցաւ,
բաբախման
ձեւով,
դարբինին
կռանին
ձեւով։
Ճի՛չ
մը,
երկայնահասակ
ընկերէն։
Ցնցուեցան
երկուքը։
Երկայնահասակ
ընկերը
չպատասխանեց
Մաթիկին
(անիկա
հիւանդ
էր
չխօսելու
հիւանդութեամբ
մը)
հարցումներուն։
Քնացած
էր
հաւանաբար,
տեսած
գէշ
երազ,
ու
վախէն
պոռացած։
Ատիկա
յաճախ
կը
պատահէր
անոր։
Դարձաւ
քովնտի։
Ու
ծեծէն
հիւծած
անոր
հոգին
«աղաւնակերպ
իջմամբ»,
այսինքն՝
այդպէս
պատերուն
նետուած
հայ
խլեակի
մը
կերպարանքով
կը
բաբախէր
անոր
ջարդուփշուր
սարսափին
վրայ։
Բարձրահասակ
ընկերը
Կովկասէն
չէր,
որ
կու
գար։
Սողոմենց
տղան
տագնապեցաւ,
աստիճան
մը
աւելի,
վասնզի,
առանց
որ
գիտնար
ինչո՞ւ՝
իր
ոճիրը
գտաւ
կապուած
քոմիթաներուն
սա
ողբերգութեան։
Շատ
դառն,
տհաճօրէն
սմսեղուկ
զգացում
մըն
էր
իրը։
Ի՞նչ
մեղք
ունէին
սա
մարդիկը,
իր
թափած
արիւնին
մէջ։
Աւելի՝
անոր
այնպէս
եկաւ,
որ
Նալպանտենց
տունին,
այսինքն՝
իր
ոճիրին
վրայ
սա
անդրադարձը,
նախապէս
նեղող,
կը
զատուէր
իր
այդ
ոլորտէն`
պարզուելով
ինքն
իր
մշուշէն,
ըլլալու
համար
ինքզինքը
միայն։
Հզօր
ու
քաջութեամբ
դիմաւորուած
յուզումներու
ընթացքին
–
ծոցին
գիշերէն
մինչեւ
սա
վերապրումը
–,
անիկա
չէր
ունեցած
մարդկային
սա
ընկրկումը,
ինքը
իր
ջուրերուն։
Մահէն
վա՞խը,
չվա՞խը։
Բայց
անիկա
կը
դողար`
կախաղանին
պատկերը
երեւակայել
ջանալով։
Հոգի՞։
Դժո՞խք։
Գո՞ւթ։
Բառե՞ր
էին,
թէ
կային։
Ըրաւ
հարցումը։
Բայց
անոր
մտքին
մէջ
կը
ցցուէր
իրենց
կողմերուն
բարձրագոյն
գագաթը,
Ողիմպոսը,
որուն
ետեւի
թափին
պահ
դրուած
քաղաքներուն
կը
նմանէին
այդ
բառերով
թելադրուած
պատկերները։
-Պատմիր,
աղբէր
ճան։
Սողոմը
դողաց։
Հրաւէ՞ր՝
դէպի
իր
ոճիրը։
Անիկա
երկարեց
իր
թեւը։
Խախտած
վիրակապը
ինչպէ՞ս
կը
պահէր
դեռ
իր
հանգոյցը։
Գլխուն
շրջումը
ստեղծեց
ծանօթ
բաբախումը
ծոծրակի
փոսին։
Կ’ամչնար
անիկա
սա
փոքր
զգայութիւններէն,
որոնք
ուրիշներու
ներկայութեան
կու
գային
իրեն,
իրենք
իրենց,
տեսակ
մը
մատնող
հովով։
Բանտերէն
սորված
էր
անիկա
վայրագութեան,
«ուժաւորութեան»
յղացքները,
որոնք
մարդասպանին
մէջ
կը
ստեղծեն
բացառիկ
մթնոլորտ։
Ա՛ն՝
որ
կաշառքով
կամ
թրքութեամբ՝
ենթակային
ազատ
արձակումէն
ետքը
կը
յօրինէ
անոր
հեքիաթը։
Գեղին
մէջ
քանիներ
մարդասպան՝
բայց
դրամով
ազատուած
կախաղանէն,
կ’անցնէի՜ն
պատկառանքի։
Տկարութեան
հովը
տգեղ
է
անոր
մօտ,
որ
սպաննած
է։
-Ի՞նչ
կայ
ձեր
աշխարհում,
աղբէր
ճան։
Զղջաց
հարցումէն։
Կը
խորհէր
Սողոմին
անմեղութեան,
թէեւ
իրենց
հարցաքննութեան
մէջ,
անոնք
պարտաւորուած
էին
լսել
անոր
անունը։
-Մի
ինչ-որ
հեքիաթ…
Այսինքն՝
ինչ
որ
գրել
էր
տրուած
իրեն,
վայրագ
միւսթանթիգին
կամքովը,
քոմիթայի
հաշուոյն
կատարուած
սպանութեանց
ու
հրկիզումի
դէպքի
մը
մասին,
որ
տեղի
էր
ունեցեր
իրենց
գեղին
մէջ։
-Մի
ինչ-որ
հեքիաթ…
Ըսաւ
ու
նայեցաւ
անոր
երեսին։
-Հաւատա՛,
աղբէր
ճան։
Սողոմին
աչքերը
խոնաւցե՞ր
էին։
Ամէն
ներուժ
ապրում
մեր
ջիղերը
կը
զլանայ
արտաքին
իրենց
սպասին
`
զանոնք
ամբողջովին
պահելով
բռնագրաւուած
իր
սեփական
ընդլայնումին։
Ոճիրը՝
գործ
ըլլալէ
առաջ՝
անհուն
ճնշում
է
մեր
ուղեղի
կաթսային։
Ու
բոլոր
քիչ
խօսողները
բուռն
մարդեր
են
իրենց
ժամերուն
կտրող,
թափող,
անխնայ
տապալող։
Խ
օ
սքի՞
դժուարութիւն,
յուզումին
գո՞լը,
զինքը
ատեն-ատեն
դանկըտող
դաւե՞րը,
խղճմտանքէն
խուլ
նիզակո՞ւմ
մը,
ամօ՞թ՝
թէ
իր
մատներէն
արձակուած
աւելորդ
մահերը
(գիտէր
քրոջը
մեռն
ի
լը,
կասկած
չունէր
Դ
ելոնին
ու
նշանածին
ալ
մահերէն),
ո՞ր
մէկն
էր
ասոնց,
որ
զինքը
այսպէս
անկարող
կ’ընէր,
ինքզինքը
հաւաքելու։
Քակուածութիւն
մը,
իրարմէ
հեռանալը՝
իր
հոգիին
մասնիկներուն։
«Հոգելո՞յծ»,
ինչպէս
ունինք
անդամալոյծ
տգեղ
բացատրութիւնը։
Բժիշկ
Մաթիկը
կապեց
անոր
վէրքը։
Զգուշաւոր,
վասնզի
ունեցած
մատերը
սեւ
ներկուած
մահիկներու
կը
նմանէին
իրենց
սայրէն։
Օճառի
պակաս։
Բայց
այդ
զգուշութեան
մէջ
իսկ
յայտ
էր,
որ
հիւանդանոց
տեսեր
էին
անոնք
երեւան
գալով
շատ
աւելի
վարժ,
քան
իր
պառկած
բանտային
հիւանդանոցին
պաշտօնական
սպասարկուները,
հասարակ
զինուորներ,
բոլորն
ալ
կալուածատիրոջ
տղաք,
որոնց
հայրերը,
կանխահոգ,
օր
մը
անխուսափելի
պատերազմին
դէմ,
այս
ճարտարանքով
–
գինը
նոյն
ատեն
նոյն
մեծ
կաշառքներու
–
ետ
առած
կ’ըլլային
զանոնք,
կրակի
անմիջական
գօտիէն։
-Անօթի՞
ես։
Կը
հարցնէր
Մաթիկը,
ուտելիք
չունենալուն։
Հակառակ
իր
մարմինէն
իր
տարակայութեան՝
անիկա
կ
՚
ուտէր
առանց
կշտանալ
գիտնալու։
Բարձրահասակ
ընկերը
իր
բաժինին
կէսն
ալ
կը
տրամադրէր
անոր։
…
։
Փռուեցան
պաթանիաները։
Անոնց
բազմամբոխ
կամ
անբնակ
ըլլալու
հարցը
ձէթին
նուա
ղ,
անհաստատ
լոյսին
մէջ
լուծելի
չէր
սա
յոգնաբեկ
տղուն
համար։
…
։
Երբ
լուսցաւ
(ու
գէշ
լուս
մըն
էր
ատիկա,
կամարէն՝
արիւնոտ,
դեղին,
կանանչ,
համաձայն
լուսամուտ
կանթեղներէն
արտօնուած
ճառագայթներուն),
Սողոմը
կը
քնանար։
Գրեթէ
ձմե
ռ
ային
այդ
շատ
պաղ
ու
երկար
գիշերը,
ձէթ
կանթեղին
իրենց
պէս
գերի
եւ
ուռկանապինդ
լոյսին
մէջ,
իրար
տաքցնելու
հասար
ա
կ
զգացումէն
վեր
սուզո
ւ
մի
մը
մէջ,
անոնք
ատեն
չէին
ունեցած
զգալու,
թէ
ինչպէս
էր
հոսեր
այդ
տարի
գիշերը։
Մաթիկը,
զուարթ
ու
բարի,
տուաւ
մանրամասնութիւններ,
Սողոմին
անծանօթ
իրենց
ձերբակալումէն։
Մատնուա՞ծ։
Գրեթէ,
թէեւ
անուղղակի։
Վասնզի
Նալպանտենց
հարսին
համար
իր
տուայտանքներուն
մէջ,
Սողոմը
մոռցեր
էր
Ակնաղբիւրը։
Զանգուածային
ձերբակալութիւններէն
առաջինին
ընթացքին
անոր
թունաւորուած
վիճակի
մէջ
բանտ
իյնալը
ուրիշ
պատճառ
էր,
որպէսզի
յատակ
ունենար
այդ
կէս
դաւադրութեան
իրադարձութիւնները։
Այնպէս
որ,
մռայլ
յուզումով
հետեւեցաւ
անոնց
կամաւոր
յանձնումին։
Գիւղաքաղաքի
բանտին
մէջ
անոնք
դէմ
դէմի
հանուեցան
գեղէն
բանտարկուած
տղոց
մեծ
մասին։
Յետոյ՝
քաղաքը։
Կը
պատմէր
ժլատ,
զարմացնելու
չափ
Սողոմը,
այդ
դրուագները,
մա՛նաւանդ
ոստիկանական
խստութեանց
մասին։
Ասոնք
անխուսափելի
պայմանը
ըլլային
յեղափոխականին։
Ուրախ
էր,
վասնզի
ոչնչացուած
էին
բոլոր
թուղթերը։
Ու
«տկլոր»,
գաղտնիքէ
ու
փաստէ,
իր
մարմինն
էր
ահա,
թուրքին
դէմ
մինակ։
Ուրախ
էր,
վասնզի
իրենց
պատճառով
բանտ
ինկողներ
ազատուեր
էին։
Կը
դատէր
մեր
ժողովուրդը,
ինքնին
չափէն
վեր
դժբախտ,
սա
գեղերուն
մէջ,
արժանի
այն
սիրոյն,
որուն
ապացոյցը
կու
տային
իր
զաւակները
ահա
`
զոհելով
զիրենք,
այնքան
հաճոյքով
իր
ազատութեան։
Սողոմը
չէր
հասկնար
մեծ
մասը
անոր
մտածումներուն։
Բայց
խորապէս
կը
տպաւորուէր
արտայայտման
պարզութենէն,
լրջութենէն։
Ընկեր
Մաթիկը
չճշդեց,
մահուան
այսքան
մօտ,
իրենց
հանգամանքը,
հակառակ
Դարբին
Թորոսի
թախանձանքին,
վերը,
Ակնաղբիւրին։
Սողոմը
պիտի
չկրնար
ըմբռնել
սա
մարդերը։
Սողոմին
ոճիրը,
միւս
կողմէ,
լսուեցաւ
ո
ւ
շադրութեամբ։
Պատմողը
տեսակ
մը
խոստովանանք
կը
կատարէր,
կրօնական
երանգով
(դեռ
անոր
Աստուածը
չէր
մեռա
ծ
իր
ծոցին),
խուլ
զայրոյթի
եւ
անծածկելի
տրտմութեան
փոփոխակ
հովերու
մէջ։
Հոսուն
ու
ցաւոտ
բան
կար
ձայնին
ու
դէպքը
քալեցնելու
ծանրութեան
մէջ։
Անոր
ատելութիւնը
չունէր
սփոփանք,
գլխաւորաբար
այն
պատճառով,
որ
զինքը
սա
կրակներուն
ղրկող
կնիկը
ողջ
էր
հիմա։
Հասուն
ու
ցաւոտ
բան
կար
տակաւին
իր
պզտիկ,
վախկոտ
մտածումներուն
մէջը,
վասնզի
կնոջ
հետ
իր
այս
ճակատումը
զինքը
կ’ընէր
տարօրէն
իմաստուն։
Ամբողջ
Արեւե՜լքը՝
իր
լսած
քանի
մը
հեքիաթներուն
մէջ,
որոնց
հերոսները
կիներ
էին։
Անիկա
լսած
էր
ու
չհասկցած։
Հիմա՞։
Անոր
համոզումն
էր,
որ
այդ
դէպքերը,
հետեւանք
քոմիթաներուն
ձերբակալումին,
տեղի
չէին
ունենար,
եթէ
Նալպանտենց
հարսը
կտորիկ
մը
սիրտ
ունենար։
Խե՜ղճ
տղայ,
դուն
չեղար
առաջին
փնտռողը։
Ու,
ո՜վ
մարդերու
անորակելի
տկարութիւն,
բառերով
շոգեւոր
Սողոմին
զայրոյթը
թոյլ
էր,
խախուտ
էր
խնամքով
ծածկուած
երակէ
մը։
Ու
ո՜վ
մեր
անժուժելի
դժբախտութիւնը,
Սողոմը
հիմա
միայն
լիովին
գիտակցեցաւ
պատճառին,
որ
Նալպանտենց
հարսը
թողած
էր
կեանքի
մէջ։
Անոր
մէջ,
հա՜յրը։
Այո՜։
Գուցէ։
Վասնզի
քանի
անգամ,
որ
դէպքէն
առաջ
անիկա
իր
միտքը
կը
հանէր
ոճիրին
բզզիւնին,
ամէն
անգամ
ալ
Նալպանտենց
հարսին
քովիկը
կը
բուսնէր
իր՝
Սողոմին
հայրը,
կախարդական
շրջումով,
կարծես
գերեզմանէն
պաշտպանել
ուզելով
իր
զարմը,
օտար
այդ
կնիկին
փորին
մէջ
դրուած
աճումը։
Մտապատկերին
քով
այս
ուրուացո
ւ
մը,
ճի՛շդ՝
իրականութեան,
այսինքն՝
կրակի
գիշերին
ամբողջ
տեւողութեանը
ու
անկէ
յետոյ,
հիմա՜,
նոյնիսկ
իր
զղջումին
մէջ
զայն
սպաննելուն։
Պատմողը
հասուն
էր
բառերէն,
մահուան
հետ
ճակատողի
մը
պարզութեամբ։
Ու
տխո՜ւր՝
վասնզի
թափուած
արիւնը
կը
տարածուէր
ահա
անմե՜ղ
սա
մարդոց։
Լսուեցաւ
այս
պատմումը,
որոշ
հանդարտութեամբ։
Յեղափոխականը,
կրակէ
անցած,
ու
մահուան
հետ
գրեթէ
ամէնօրեայ
շփումով՝
վերապահութեամբ
կ’ընդունի
դանակի,
կրակի
արկածները,
ոչ՝
իրենց
անկարելիութեան
պարունակէն։
Ասպարէզին
իսկ
բերումովը՝
անոնք
մօտիկ
են
արիւն
թափողներու
հոգեբանութեան
`
տեսած
ըլլալով
այդ
արիւնը։
Անշուշտ
գործիչն
ու
մարտիկը
զատ
խառնուածքներ
են։
Բայց
մեր
իրականութիւնը
իր
պահանջին
զոհած
է
շատ
բան։
Այս
պարունակէն,
ամէն
ոճիր,
նոյնիսկ
հա
ս
ա
ր
ակը,
որ
երակով
մը
կը
մերձենայ
իրենց,
գործիչն
ու
մարտի
կ
ը
ոգեւորող
գաղափարին,
կը
գտնէր
շաւիղ
մ
ը
մինչեւ
իրենց
բարձրանալու։
Յեղափոխական
Մաթիկը
վերլուծեց
դէպքը։
Ու
ահա
իր
եզրակացութիւնը։
Անոր
կարծիքով՝
«էդ
սպանութիւնների
մէջ»
կար
«վատ
բան
կատարուած»։
«Վա՞տը»։
Ա՛յն՝
որ
Սողոմին,
այդ
սքանչելի,
արի
արանց
քաջութիւնը,
«արիւն
թափելու
ասպարէզում՝
նրան
օբյեկտիքական
տուրքերը»
լաւ
առիթներ
չէին
գտեր
«օրինաւոր»
զարգացման։
Պոլիս,
Երկիր,
Վանայ
ու
Սասնայ
«լեռներում»,
փորձառու
«ընկերների»
ղեկավարութեան
տակ
ու
«թշնամու
ցինիք»
անխղճութեան
դէմ,
անկասկա՛ծ
որ
Սողոմէն
դուրս
«կը
գար
մի
սքանչելի
զինուոր,
մի
հոյակապ
յեղափոխական,
խմբապետ,
եւ
գործադրիչ
տեռորիստական
ծանրածանր
ձեռնարկների։
Էդքան
լաւ
խմո՜ր»։
«Ուրա
՛
խ
էր»,
չափազանց
ուրախ,
անո՛ր
համար,
որ
կը
հաւատար
ուրիշ
բանի
ալ։
Ա՛ն՝
որ
այդքան
սառն
գիտէր
սպաննել,
այդքան
հանդարտ
ալ
«պիտի
գիտենար»
մեռնիլ։
Մահուան
գաղափարին
հետ
իր
մշտական
մարզանքը,
որ
անոր
ճղճիմ
մարմինը
այսպէս
հանդերձած
էր
գալիքին,
վարակիչ
էր
նաեւ
Սողոմին,
որ
կը
զօր
ա
նար,
ու
կրաւոր,
ենթարկուող
հոգեկանութենէն,
քիչ-քիչ
կը
բարձրանար
ներգործող
հանդարտութեան։
Բժիշկ
Մաթիկը,
յայտ
հ
ա
ճ
ոյքով,
հետեւած
էր
պատմումին
մանր,
առարկայական
ստուգութեան։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
մարդ
գիտական
ուղեղ
կը
յաւակնի
ունենալ։
Անոր
կարծիքով,
ոճիրին
մէջ,
պահպանող,
հաշուող,
չ
ափող
ու
այս
ճամբով
ձեռք
ձգուած
արդիւնք
շահագործող
երեւակայութիւնը
նոյնքան
անհրաժեշտ
էր,
որքան
հետեւցնող,
այսինքն՝
հանգիտօրէն
կառուցանող
երեւակայութիւնը։
Ու
Սողոմը
օժտուած
էր
երկուքով,
նշան՝
«նրան
մի
մեծ
անձնաւորութիւն
լինելու»
կանչուած
ըլլալուն։
Վերլուծումը
տանելով
առաջ՝
անիկա
գտած
էր,
որ
զգացական,
հին
բառով
մը՝
իրական
մասերուն
մէջ
(պատմումին)
ցոյց
տրուած
ժուժկալութիւնը
կը
յայտնաբերէր
զինուորական
մարդու
առաջնակարգ
տաղանդ,
որ
իր
յուզումը
զսպել
կրնալով
է
պայմանաւոր։
Փոխարէն՝
պարագայական
մանրամասնութեանց
եւ
զգայարանական
նշմարներու
առատութիւնը՝
դիտող,
տնտեսող,
վարող
տուրքեր։
Մե՜ղք,
հազա՜ր
ափսոս,
որ
Սողոմին
այս
գեղեցիկ
կարողութիւնները
«փչացել»
էին
արգանդի
«ճանապարհում»։
Տրամաբանելու
այս
կերպին
մէջ,
ընկեր
Մաթիկը
ինքզինքը
կը
կարծէր
կուսակցական
ժողովներու,
Թիֆլիս
կամ
Վան,
վէճի
բռնուած
յեղափոխական
մեծ
կռուողներու
հետ,
երբ
անոնց
տպաւորութիւնները
կը
ջանար
տարազել
«ֆիզիոլոգիական»
ինչ-որ
տեսութիւններով։
Մահուան
պատրաստուող
մարդու
հոգեվիճա՞կ։
Այդ
տիպարներուն
շնորհն
է
այդքան
առանձնանալ
գիտնալ։
Մխիթարական
ծուէն
մը
բա՛ն
գոնէ,
այդ
զուր
տեղը
փճացուցած
հերոսութեան
մէջ։
-Ինչպէ՜ս
թէ
ոչ։
Պրիմօ.
-
Այ
ս
ոճիրը,
այսինքն՝
անոր
գործադրումին
մէջ
ի
սպաս
դրուած
սառնութիւնն
ու
կորովը,
հետապնդումին
աննահանջ
թափէն
զատ,
ապացոյց
էր
Սողոմին
եւ
«նրա
վրայով՝
հայ
երիտասարդ
սերնդին»
մարտական,
կտրիճ
ոգիին,
«թէկուզ»
այն
ոգիին,
զոր
մեր
թշնամին
«նապաստակի
քաջութիւն»
պիտի
որակէր,
Մաթիկէն
շատ
վերջը,
օտարներու
բերնէն
մեր
յուս
ա
հատ
պայքարը
այնքան
շնականօրէն
անարգելով։
Սըգոնտօ.
-
Չէ՞ր
կարելի,
նոյնիսկ
լրիւ
հաւանական,
որ
սպաննուած
էդ
Սերոբը
լինէր
«մի
գրուստ
դաւաճան»,
ինչպէս
ունէր
հիմա
ամէն
գեղ
ու
քաղաք,
տրուած
ըլլալով
Նալպանտենց
տղուն
եւ
տաճիկներուն
միջեւ
«մի
ինչ-որ»
կասկածելի
կապեր։
Յետոյ։
Չէ՞
որ
մէջտեղն
էր
միւս
անհերքելի
փաստը։
Դաւաճանութիւնը
կը
սկսէ՜ր
ազգուրաց
եկեղեցականով
մը։
Տեղը
կարճ
է
ինծի
`
արձանագրելու
հ
ա
մար
բժիշկ
Մաթիկի
բոլոր
փաստերը,
որոնք,
այնքան
ալ
միամիտ,
ունէին
իրենց
մէջ
ճշմարտութեան
ծուէններ։
Տաճկական
բանտերուն
ընթացիկ
իմաստութենէն
վեր
էին
անոնք։
Ու
կը
դատէին
Սողոմին
պատահարը՝
«յեղափոխական
սուրբ
գործի
տեսակէտից,
մի
կատարեալ
յաջողութիւն»։
Մարդ
չի
կրնար
հաւատալ,
հիմա,
տրամաբանութեան
սա
պարզութեան։
Ի
նծի
համար,
որ
քսուեցայ
Մաթիկին,
ու
պահեցի
զայն
տասնհինգ
օր,
Սողոմենց
գեղը
ղրկելէ
առաջ,
կասկածելի
չէ
այդ
մտայնութեան
հարազատութիւնը։
Յեղափոխական
Մաթիկի
սկզբունքները,
անսխալական
ըլլալու
մեղքէն
զատ,
հարուստ
ըլլալու
թերութիւնն
ալ
ունէին։
Մէկն
էր
անիկա,
որ
առարկութիւն
չընդունեց,
իր
գաղափարները
«խ
օ
սքի
բռնութեամբ»
հարկադրած
ատեն։
Այս
ամրութիւնն
էր
պատճառ
իր
զառածումին։
Անիկա
զինքը
մտիկ
ընել
չկրցող
մարտիկներէն
«հերքուած
գնացեալ
էր»,
ինչպէս
կ’ըսէ
տեղ
մը
մեր
Խորենացին՝
Վարդգէս
Մանուկի
մը
համար։
Իր
կուսակցութիւնը
լքելէն
ետքը,
ինքզինքը
յանձնել
Տաճկաստանի
ճամբաներուն,
«ուղիղ
հա
ւ
ա
ս
ար
էր
գալիս»
մահուան
հետ
դաշնադրութեան։
Առաջնակարգ
վիճաբանող,
սրամիտ,
պատրաստաբան,
փաստաբան,
քարոզիչ,
առաքեալ՝
կու
տար
իր
դաւանանքը
մարգարէի
եւ
…
բժշկութեան
ուսանողի
(ձեզի
ծանօթ
է
իր
մասնագիտութիւնը)
առարկայական
սառնութեամբ։
Հիմնական
գիտութիւնը
չհամոզ
ու
ելու
գիտութիւն
ն
էր։
Ու
ասիկա
յամառութենէն
վեր
անզգածութեամբ
մը։
Կան
այս
մարդերը,
որոնք
բոլոր
բարի
կամեցողութիւնները
կը
կրեն
իրենց
ներսը,
օգտակար
ըլլալու
իրենց
համայնքին,
բայց
անոր
ամէն
ձեռնարկները
կը
քայքայեն,
պարզ
իրենց
մասնակցութեամբը։
Ասկէ
զատ,
ունէր
թերութիւնը
միշտ
իրաւունքին
հետ
ըլլալու,
զայն
ուրիշին
մօտ
երբեք
չհանդուրժելու։
Մի
զարմանաք,
որ
Սողոմին
ոճիրը,
թափանցումը
կարճ
րոպէ
մը
միայն
արդար,
այսինքն՝
«արգանդի
ճանապարհում
մի
տրամա»
դատելէ
ետքը,
դառնար
իր
բուն
մոթիֆներուն
ու
եռանդուն
քահանայի
մը
կարճատեւ
վրէժխնդրութիւնը
զուգորդէր
ցեղային
ողբերգութեան։
Իրաւ
է,
որ
բախ
տ
ին
մէկ
քմայքը
կը
միջամտէր,
որպէսզի
դէպքերը
քալէին
այդ
ճամբով։
Հարցնէիք
իրեն։
-Կա՞պը՝
սա
պատահարներուն
եւ
Հայ
Յեղափոխութեան։
-Գոյութիւնն
իսկ
ընկեր
Մաթիկ
Մելիքխանեանցին,
«էս
մարզերում»,
այսինքն՝
«Կով
կ
ա
ս
ից
Բրուսա՜»։
Աս
ըլլալու
էր
իր
պատասխանը։
Բայց՝
ինչպէ՜ս։
-Նոյն
«էն
ոգիին
զօրութեամբը,
որ
մեր
ժողովուրդը
էլի
կանգուն»
կը
բռնէր՝
կեդրոնէն
այսքան
հեռու
շրջաններու։
Զայն
մտիկ
ընողը,
տարուած
իր
խռովքին,
հաւատքին,
ճա
ռ
ագայթումին
նուիրաբերումէն,
կը
բաժնէր
իր
կարծիքները,
համոզուած՝
անոնց
մեծ
մասին
տղայութեանը։
Յետոյ
պէտք
է
աւելցնեմ,
որ
900ին,
մեր
Յեղափոխութիւնը
հեքիաթին
վիշապն
էր,
մեր
կողմերուն,
դասական
տրակոնը։
«Զայն
տեսնողները
քար
կը
դառնային»։
Սուտը,
յիմար,
անկարելին՝
կար
տարիներու
վրայ
իրարու
յաջորդող,
թուրքին
մէկ
մասին
այդ
առասպելեա
լ
կենդանիէն
ունեցած
անհուն
հետաքրքրութիւնը։
Պոլսոյ
մէջ
ու
մօտիկ,
ազգային
դատին
չափ
ու
աւելի
խռովիչ
ընծայած
էին
վաւերականները
այդ
տիպարներուն։
Զանոնք
հետապնդող
ուժերուն
ընդարձակութիւնը,
սաստկութիւնը՝
բաղդատուած
անոնց
անձին
մերկութեան,
յաճախ
անապաւէն
լքումին
(գոնէ
չունէին
ուժով
իսկ
մարմին
ու
քաղքենի
տարազը
զանոնք
կ’ընէր
աւելի
պզտիկ,
անատակ
ու
պարոն
)
խոտոր
կը
համեմատէր
անոնց
առաջացուցած
սարսափին։
Մեր
կողմերուն
համար,
լեռներու
իշխող
ասպատակը
–
ուրիշ
երանգով՝
քոմիթան
–
երկաթէ
ոսկորներ
ու
գոմշու
սիրտ
կը
կրէր
իր
կաշիին
տակ։
Այնպէս
որ,
թուրքերուն
կեղծ
կամ
իրական
սարսափը
քիչ-քիչ
անցաւ
մեզի
ալ։
Մինչեւ
908,
մեր
շրջաններուն
անոնցմէ
շուքի
մը
տեղ
մը
երեւումը
կազմեց
դժբախտ
առիթներ
պառակտումի,
իրարու
հաշիւ
մաքրելու։
Ու
զարմանալի
չէ,
որ
այն
ատեն
մա՛նաւանդ
զօրաշարժի
ենթարկուէին
մեր
ներքին
թշնամիները,
մեր
իրերահալած
բնազդները,
ու
ատիկա՝
ազգը
սիրելով,
շատ
սիրելուն՝
անոր
յօնքը
հանելով։
Ասիկա
ճիշդ
է՝
որքան
անըմբռնելի։
Տակաւին
այսօր
կացութիւնը
մեր
հոգիէն
չ’ընծայեր
ուրիշ
պատկեր։
Ովկիանէ
ովկիան
իրար
կ
’ատենք
խստութեամբ
մը,
որ
չի
հաշտուիր
սիրտ
ըսուած
գործարանին
թելադրած
խորհուրդին։
Առանց
մշակոյթի
վայրագ
ցեղախումբերն
անգամ
–
դրէք
թուրքը
այդ
տարազին
տակ
–
անցած
են
շատ
եսական
հոսանուտներու
պատմականօրէն
ճիշդ
շրջանները։
Դաւաճան
քահանան,
մեր
մէջ,
փաստ
մը
չէ,
այլ՝
մէկ
զանակը
այդ
մտայնութեան։
Ու
աւելի՛ն։
Ինչ
որ
քսանհինգ
դար
առաջ
յոյները
ըրին
իրենց
ցեղակից
քաղաքներուն,
ըր
ի
նք
նոյնը
մենք,
մեր
օրերուն,
թուրքին
հետ
ձեռք
ձեռքի
հալածելով
զանոնք
բակի,
սայվունի,
արտի
եւ
կնիկի,
կամ՝
հոս
պատմուածին
նման,
տէրունական
ասպարէզէ,
աւագերէցեան
տիտղոսի
սիրոյն.
յետոյ՝
«մեր
հաւատարմութիւնը
ապացուցանելու
համար
յոտս
վեհափառ
կայ
ս
եր»։
Տխուրը՝
այս
հակամարտութեան
մէջ,
մեր
կոյր
բնազդներուն
մոլեգին
թափն
է,
իրարու
դէմ
իրենց
լրումով
ոտքի։
Հայոց
պատմութիւնը
փոքր
ու
ստոր
նախանձի
դիւցազներգութիւն
մըն
է
վեր-վար։
Մեր
դասական
անմիաբանութիւնը
քլիշէ
ըլլալու
մեղքը
դեռ
չէ
սրբագրած,
անշուշտ։
Բայց
չի
դադրիր
աւելի
քան
կենդանի
ապրելէ
մեր
կիրքերուն
բաւիղէն
ներս։
Իրարու
հանդէպ
մեր
քէները
մեծցնելու,
հերոսացնելու
սա
ազգային
մենագարութիւնը,
հայրենիքէն
հեռու
շրջաններու
մէջ
ըրած
է
աւելի
խոր
նուաճումներ։
Զարմանալի
չէ
աս
ի
կա
`
տրուած
ըլլալով
ճառագայթման
տկարացումը
կեդրոնախոյս
ուժերուն
մօտ։
Թուրքը
չէին
սիրեր
անոնք,
որ
մեր
յեղափոխականները
մատնեցին։
Բայց
կ’ատէին
զիրար։
Պոլիս
ու
անոր
շրջաններուն,
սա
հոգեվիճակը
ըրաւ
մեր
Յեղափոխութիւնը
բացառաբար
դաւադրական։
Անդին,
մեր
հայրենիքին
մէջ,
ան
դաւադրական
ըլլալէ
աւելի
մարտական
նկարագիրով
էր
շեշտուած։
Տարբեր
պատեհութիւններ
կը
պաշտպանէին
զինքը։
Գոնէ
կռնակը
լեռ
ունէր
ա՛ն՝
որ
տարերային
ընդվզումով,
իր
քոյրը
պղծո
ղ
այլազգին
կը
սպաննէր,
աչքը
արիւն
առած։
Բայց
ինչ
որ
այդ
շարժումը
փորձեց
Արեւմտեան
Նահանգներու,
մա՛նաւանդ
Պոլսոյ
մէջ,
ուղղակի
անձնազոհական
հերոսութիւն
մըն
էր,
զոր
մեր
ամրաշաղախ
ատելութեան
ոլորտէն
չենք
վարանիր
ուրանալու,
միշտ
ազգասիրաբար,
մա՛նաւանդ՝
երբ
տիտղո
ս
ներ
ունինք,
ըսել
կ’ուզեմ՝
գրագէտ,
գործիչ,
եպիսկոպոս,
ուսուցիչ,
ազատական
ասպարէզներու
լիտր
ներ։
Ու
չենք
կասկածիր,
որ
ժողովուրդի
մը
ուժը
իր
ոսկիներուն,
իր
մաղազա
ներուն
մէջ
ընդունելու
չափ
իր
զաւկըներուն
հոգեհանքին
մէջ
սքողուն
խորհուրդ
է
թերեւս։
Ասիկա
այսպէս,
դարէ
դար։
Բայց
մա՛նաւանդ
96ի
ջարդերուն,
երբ
մեր
ժողովուրդը
իր
մասնակի
հոգեխօ
թ
ութեանց
վրայ
աւելցուց
մեծ
որակուած
ազգերուն
գերագոյն
խօթութիւնը։
Ու
հասկնալի
է,
որ
հիմա
ըլլայ
ասիկա,
այսպէս,
բայց
գերադրուած,
վասնզի
915ը
համեմատելի
չէ
96ին։
Անշուշտ,
մեր
այս
պատմութիւնը,
բռնապետութեան
շրջանին
իբր
ոգեկոչում,
իր
գործողութեան
յորձանքին
մէջ
պարտաւոր
է
նմոյշներ
առնել
այդ
մարդերէն,
որոնք
յուսահատ
այդ
հերոսութիւնը
արժեցուցին
մռայլ,
բայց
անկնճիռ
խստութեամբ
մը
երթալով
մահուան։
Բայց
կանխահա
ս,
այսինքն՝
թոյլ
է
Մելիքխանեանց
Մաթիկի
հիւսքը,
նման
փորձի
մը
համար։
Անիկա
այդ
մարդոց
խումբին
կը
պատկանի
իր
մահովը,
աւելի
ճիշդ՝
նախամահովը,
ոչ՝
իր
ուղիղ
գործունէութեամբը,
ըսել
կ’ուզեմ՝
յեղափոխական
միւս
մեծ
տիպարներուն
լրիւ
նուիրումովը։
Անիկա
հերձուածող
մըն
էր,
իր
մարմինին
եւ
իր
փառասիրութեանց
խոտոր
կշիռէն
զգետնուած։
Զառածած
էր
մեր
կողմերը,
անշուշտ
յուսահատ
որոշումէ
վերջը,
երբ
անկարող
ինքզինքը
հանդուրժելու,
ու
հանդուրժելու
ուրիշները,
լքեր
էր
Սասունը,
դժխեմ
հոգեպայքարէ
մը
յետոյ,
ու
յանձներ
ինքզինքը
բախտին։
Իր
ոդիսականը
առանձին
վէպ
է։
Չեմ
կրնար
ամբողջ
գիրք
մը
նուիրել
այդ
տհաս
տիպարին։
Բայց
եթէ
անոր
կեանքը
եղաւ
խակ,
անոր
մահը
սրբեց
անոր
մեղքերը։
Թուրքերը
անոր
վրայ
գործադրեցին
մէկը
իրենց
ամէնէն
սառն
ոճիրներէն,
որոնք
փառքն
ու
պարծանքը
եղան
անոնց
պետական
զգայարանքին։
Ու
հիմա,
ոճիրը։
ՎԵՐՋ
Դ.
ԳԻՐՔԻՆ