***
Յանցաւորները,
փոխանակ
փայտանոց,
ծեծի
իրենց
օրինական
բաժինին
առաջնորդուելու,
հանուեցան
ապարանքի
նրբուղին։
Կէս
մեթր
տրամագիծով
ու
հինգթեւեան
աստղեր
կը
կազմէին
համբաւը
այդ
ուղիին։
Համաչափ
ու
համագոյն
կոպիճներ,
ճարտարութեամբ
հիւսուած
հողին,
ով
գիտէ
ո՛ր
մեղաւորներուն
մատներովը,
կը
յօրինէին
ճաճանչները
այդ
աստղերուն,
վայելուչ
նրբութեամբ։
Ամէն
օր,
այդ
աստղերը
կը
լուացուէին
թեթեւ
պատժապարտներէ։
Տերեւ
մը՝
մեղք
հոն։
Վարդի,
մեխակի,
շահպրակի
թաղարներ,
ինչպէս
նաեւ
կէս
արեւադարձային
մշտադալար
տունկեր,
փայտեայ
մեծ
սնտուկներու
մէջ,
փոխադրական,
կու
տային
այդ
ճամբուն
կանացի
համ
մը։
Իրականին
մէջ
անիկա
գործն
էր
քոմանտան
փաշային
կնոջը։
Զօրանոցային
իր
նկարագիրը
այդ
շէնքը
կորսնցուցած
էր
արդէն,
նոյն
ճաշակին
շնորհիւ։
Նե՛րկ։
Հաստ
պատերուն
թրքական
երեսը
տեղի
էր
տուած
պաղպաջուն
ճերմակի
մը,
զոր
մեծահարուստ
փաշան
չէր
խղճահարեր
բեռցնել
պետական
պիւտճէին
սկզբունքային
տեսակէտներով։
Բացի
կեդրոնական
իր
դիրքէն՝
անիկա
ունէր
առաւելութիւնը
կահաւոր
ըլլալու
պոլսական
ճաշակով,
որ
թրքական
աւագանիին
մէջ
խառնուրդ
մըն
է,
ասիական
թանկ
ու
ծանր
ոսկեղէնին,
եւրոպական
պայծառ
ու
թեթեւ
պարզութեան։
Անոր
բակը՝
ջերմանոց։
Սրահները՝
նկարահանդէս։
Ամէն
օր
սեւուհիներ,
ճերմակ
սաւաններով,
փոշին
կ’առնէին
քարերուն՝
ինչպէս
նկարներուն։
Ու
պատշգա՛մ,
թրքական
պալատներու
մէջ
անսովոր
այդ
նրբութիւնը,
որ
վերէն
կը
տիրէր
ամբողջ
բանտ-քաղաքին։
Քոմանտան
փաշային
գիտունի
համբաւն
ալ
կը
միջամտէր,
որպէսզի
քաղաք
այցելող
եւրոպացիներ,
մզկիթները,
աւերակները,
դամբարանները
աչքէ
անցընելէ
եւ
յոգնելէ
ետքը,
հանդիպէին
կառավարութիւն
ու
առաջնորդուէին
ապարանքը,
հիանալու
համար
անոր
իսկապէս
գեղեցիկ
մատենադարանով,
նոյն
ատեն
աշխատանոց՝
անոր
գիտական
փորձերուն։
Պոլսէն
ղրկուած
բարձրաստիճան
հիւրերը
յայտնի
հաճոյքով
կը
փնտռէին
անոր
սրահները,
ուր
եւրոպական
տարազով
տիկին
մը
իր
տանտիրուհիի
դերը
կը
տանէր
խելքով,
լրջութեամբ
ու
շնորհով,
սարայլը
կնոջ
մը
պատկառանքը՝
աչքերուն։
Կայսերական
կանանոցէն
իշխանուհիներ,
օդափոխութեամբ
կամ
ջերմուկի
համար
Պրուսա
իջնելնուն,
հաճոյքն
ունէին
քաղաքին
միակ
պոլսական
ապարանքէն
պատուըւելու։
Հասկնալի՞,
քոմիթաներուն
գործով
Պրուսա
ղրկուած
հազարապետ
փաշան։
Հիւր
սա
պալատին։
Բանտարկեալները
վարող
ջոկատին
յիսնապետը,
հակառակ
իր
ստացած
բոցորոշ
հրահանգին,
մուտքէն
բաւական
հեռու
կեցուց
խումբը
ու
յառաջացաւ
առանձին։
Անոր
թանձր
իմացականութիւնը
կը
տառապէր
ընդունելու
սա
աղտոտ
խոզերուն
ոտքը
բակի
հրաշալի
մարմարներուն
վրայ,
որոնք
կը
թուէին
լեզուով
ըլլալ
սրբուած։
Մո՛ւտք։
Ուր,
կլոր,
երեք
ջաղացքարի
մեծութեամբ
միակտուր
մարմար
մը,
փոքրադիր
կալի
մը
նման,
զոր
կ’երիզէր
սեւ
սաթի
կէս
թիզ
լայնքով
շրջածիր
մը,
բռներ
էր
առաջամասը
ապակեղէն
կառոյցի
մը,
–
նախաբակ
ու
ջերմանոց
նոյն
ատեն։
Այդ
կալի
կեդրոնին
եռանկիւն
նկարիկներով
հինգթեւեան
աստղ
մը
դարձեալ,
գոյնզգոյն
ու
ճաճանչավերջ։
Ներսը,
մարմարին
ծո՞վը,
սառնարա՞նը։
Ո՛րը
որ
կ’ուզէք։
Մասնաւոր
մոմլաթէ
շերտեր,
Գերմանիա
պատրաստուած,
գորգի
պատրանք
թելադրող
տեսակէն
(տիկինին
պահանջն
էր
ատիկա
պարսկական
հարազատ
գործուածքներուն
տեղ,
որոնք
ծանր
ըլլալու
մեղքը
ունէին),
մարմար
այդ
յատակին
վրայ
երեք
թիզ
լայնքով
ճամբաներ
կը
փռէին
գեղին
ծաղիկներով
ցանկապատ։
Գերման
միտքին
յաղթանա՜կը։
Հսկայական
երկու
փեղկեր,
կարմիր
ապակի,
ամբողջովին
ապակի
այդ
պատէն։
Տեսանելի
տասը
քայլ
հեռուէն,
թաղարներու
շարքը,
որոնց
խեցին
ներկուած
էր
բանտին
ընդհանուր
գոյնովը,
պէժ
՝
այդ
քաղաքին
մէջ։
Քոմանտան
փաշան
հակառակ
իր
անբաւ
հարստութեան,
զուտ
սկզբունքային
տեսակէտներով,
իր
բնականութեան
սահմանուած
այդ
առժամեայ
բնակարանին
մէջ,
հասկնալի
է,
որ
գործադրէր
պետական
արդարութիւն
ժողովրդական
առածի
մը
վճռածին
նման`
կալ
ընող
եզին
ցռուկը
ազատ
պահանջելով։
Զեղծումի
հանդէպ
իր
կորովի,
ուղիղ
կեցուածքը
–
կը
պարծենար
իր
օրերուն
շատ
հազուագիւտ
այդ
առաքինութեան
վրայ,
զայն
մենաշնորհելով
իր
ազգատոհմին,
յետոյ՝
իր
ցեղին,
երբեք՝
գերմաններուն,
որոնք
զինուորներ,
բայց
գէշ
մատակարարողներ,
մա՛նաւանդ
մեծ
կծծիներ
էին
ըստ
իր
փորձառութեան
–
թերեւս
պատճառն
էր
այդ
փոքր
խղճահարութիւններուն։
Քոմանտան
փաշան
պետական
նպաստներուն
հազարներով
կը
մասնակցէր
ու
իր
կարասիներուն
ներկը
պետութեան
հաշուոյն
կը
գործածէր։
Մանր
բաներու
հանդէպ
խղճմտութիւն
մը
շօշափելի
երաշխիք
մըն
է
հարկաւ
մեծերու
մասին։
Թաղարներու
մէջ
լեմոններ,
ճռզած,
փոթ-փոթ,
ամօթի
մը
պէս
սեւցած
իրենց
քիթերէն։
Անշուշտ
անոնք
հոդ
տառապելով
հանդերձ,
նպաստած
էին
անոր
գիտունի
համբաւին`
լատինական
իրենց
անունները
տախտակիկներով
կրելով
իրենց
ոստերու
բխումին։
Տգեղ
ու
հաստ
տերեւներով
տարաշխարհիկ
բոյսեր,
անոնք
ալ
տաճկըցած,
արաբական
տառերու
այլանդակումին
մէջ։
Ու
գաճաճ
արմաւիներ,
որոնք
ցօղուն
չունին
ու
միայն
մազ
կը
հանեն
իբր
տերեւ։
Մեծկակ
տունկերու
ցօղունները
տեղ-տեղ
արծաթագոյն
բանով
մըն
ալ
պատուած
էին,
–
քմա՜յքը
տունի
աղջիկին,
շոքոլայի
թուղթերով
վերմակելու
անոնց
մսկոտ
բուները։
Աղջիկներու
հոգին
փափուկ
է,
նոյնիսկ
փայտերու
հանդէպ։
Մարդերո՞ւ։
Ատ
ալ
պիտի
տեսնենք։
Արե՛ւ։
Ու
ապակի
որմերէն
անիկա
ինկած
էր
ներսը`
ստեղծելու
արիւնի,
մանիշակի,
ոսկիի
եւ
նարինջի
տեսակ
մը
հեքիաթի
խառնուրդ,
կանանչով
տերեւուած
ու
ստուերով
եզերուն։
Գեղեցիկ,
ձիւնին
մէջ
դուրսէն
դրուած
դեղին
տուփի
մը
նման,
աւազա՜նը,
միակտուր
մարմարէ
մը
հանուած
ու
կարծես
պոռթկացած՝
այդ
յատակէն,
շատրուանին
ճիգին
մէջ,
այնքան
դաշնաւոր
էր
անիկա
իբր
կորութիւն
ու
իբր
կոճակ։
Անկէ
կը
դողդղար
ջուրը,
բարակ
շատրուանի
մը
հերարձակ
վրձինին
տակ։
Ուլունք-ուլունք,
աչքե՛րը՝
ձուկերուն։
Ու
անոնց
կարմրաւուն
մորթերը
կը
թուէին
ժապաւէնի
կտորներ`
ճառագայթներէն
բռնկած
ու
վազող։
Ու
լոյսը
կ’ողողէր
կաթիլները,
ծիածանի
շամանդաղ
մը
օրելով,
վառելով,
մարելով
ջուրին
վէտ
ի
վէտ
ու
կտրատ
սաւանին
վրայ։
Թուրքերը,
այս
աւազանները
կրօնական
նպատակներով
որդեգրած,
հարուստ
պալատներու
առաջամասին,
դեռ
այդ
օրերուն
սկսեր
էին
մոռնալ
մշակոյթը
իրենց
պապերուն,
իրենց
փոխարէն՝
ձուկերուն
ձգելով
լուացումին
սրբազան
պարտքը։
Սեւ
դռնապան
մը,
հասակէն
պատկառելի,
ցից
ու
գռուզ,
արձանացաւ
սպային
առջեւ։
Այսպէս
կ’ընդունէր
անիկա
ամէն
երիզաւոր,
որ
հոմանիշ
է
սպայութեան։
Ուրկէ՞
էր
բուսած,
երբ
ապակի
պատերուն
մէջէն
չէր
անցած
ոչ
մէկ
սեւ
կամ
ճերմակ
ստուեր։
Ցի՛ց։
Պաշտօնական
դռնապանը
այդ
պալատին,
ահագին
կոճակներով
դաշնաւորուած
իր
վերնակով։
Անիկա
գաղտնիքը
ունէր
իշխանաւորին
հանդէպ
յարգալից
ու
ոչին
առջեւ
անտարբեր
կամ
արհամարհոտ
ըլլալու,
նոյն
ակնարկին
մէջ։
Դժուար
ուսանելի
գիտութիւն,
Արեւելքի
մէջ
մանաւանդ,
ուր
իշխանութիւնը
միսթիք
է
արդէն
ու
կը
շփոթուի
երջանկութեան,
երկինքին
հետ։
Կը
ճանչնա՞ր
քոմիթան,
ի՛նք՝
որ
գրեթէ
գիշեր-ցերեկ
պարտաւոր
էր
գամուած
մնալու
փեղկ-դուռերու
իր
ճեղքին։
Բայց
նոր
չէ,
որ
դռնապանները
պիտի
գիտնան
աւելի,
քան
իրենց
հսկողութեան
յանձնուած
յարկաբաժիններուն
մեծիմաստ
տէրերը։
Թրքական
պալատ
մը
եւրոպական
ափարթըման
մը
չէ
հարկաւ։
Բայց
աւելի
է
անկէ
իր
ներքին
խորհուրդովը։
Ու
անոր
դռնապանը
տարբեր
է
պարզ
բամբասողէն։
Ե՞րբ
կը
գտնէր
ժամանակ
ցից
իր
հասակը
ընելու
բարակ
ու
սպրդելու
ամէն
ծակուծուկ,
մա՛նաւանդ
լրիւ
ճանչնալու
բանտին
ականաւոր
անձնաւորութիւնները,
ոճիրին
աւագանին,
որոնց
արարքները
լուսապսակ
կը
ճարեն
անոնց
նիհար
կամ
խօթ
ալ
մարմիններուն։
Ամէն
թուրք,
այդ
թուականներուն,
կը
ճանչնար
քոմիթան,
ինչպէս
հիմա
ամէն
լրագրող
տաք
բան
մը
գրելու
ատեն
կը
շահագործէ
բառը։
Սեւ
թուրքե՞րը՝
–
վասնզի
շատ
է
ասոնց
ալ
թիւը
–
դռնապաններու,
բաղնեպաններու,
սպասաւորներու
դժբախտ
երամին
մէջ։
Մեծ
մասով
ներքինի,
այդ
դասակարգը,
ուրիշները
ճանչնալու
արուեստին
մէջ
վեր
է
դեղին
ու
ճերմակ
թուրքերէն։
Իր
կեդրոնին
մէջ
կռնծած,
ըսել
կ’ուզեմ՝
իրեն
համար
աշխատելու
–
դուք
դրէք
այս
տարազին
տակ
մեր
ցանկութեանց
բիւրազանակ
սկաւառակները
–
անկարող,
վասնզի
ձեռնթափ,
ներքինին
իր
մէջ
մթերուած
կենսունակութիւնը
պիտի
գործածէ
իրմէն
դուրս`
ընդլայնելով
ակամայ,
հետաքրքրութեանց
ցանց
մը,
փոխարինելու
համար
ինքնիրմով
ըլլալուն
անկարելիութիւնը։
Ասկէ
դէպի
անօգտապաշտ
հետաքրքրութիւնը,
այսինքն՝
մեր
պարզ
բամբասանքը
քիչ
է
ճամբան։
Դիտեցէք
ձեր
շուրջը
ու
ժամանակ
գտէք
այս
մարդերուն։
Ահա
թէ
ինչու
բամբասողները
եղան
անգութ,
վասնզի
գութը
անձնասիրութիւն
է,
ու
չի
կրնար
փնտռուիլ
անձ
չունեցողներու
մէջ։
Ու
եղան
ամենազօր,
քանի
որ
վախը
նախապայմանն
է
մեծութեան։
Ո՞վ՝
անցեալին
մէջ,
վաւերական
տէրերը՝
Արեւելքին։
Եթէ
ոչ՝
դռնապաններ,
կանանոցի
պահապաններ,
որոնց
մատը
կը
վարէր
մեզի
ծանօթ
աշխարհը։
Սեւ
թուրքե՜րը։
Որոնք
մեր
աղէտը,
96էն
յետոյ,
հազարումէկ
գիշերներու
հեքիաթին
նման
պատմեցին
մանր
հանըմներուն`
իրենց
վանդակուած
ու
ոսկեհուռ
սենեակներէն
ներս
քշելով
անոնց
հեշտախոյզ
մարմիններն
ու
անոնց
ընկողմուն
ու
հեւացող
հետաքրքրութեանց
դէմ
բացին
ծալքերը
մեր
տրամին,
այն
անպատմելի
մանրամասնութիւնները,
որոնք
իրենց
խռովքը
կը
պարտին
սեռին
ու
անոր
առանցքին
կապուած
ուրիշ
տխրութիւններու։
Մեծերուն,
վարիչներուն
մօտ
մեր
աղէտը
եթէ
մերձանկար
պատրուակ
մը
չէր
կողոպուտի
եւ
ջարդի,
սեւ
դռնապաններու
բերնին՝
նիւթ
էր
փողոցային
ախորժակներու
կապկումին
եւ
ծաղրանկարին։
Սպան,
կարճ
խօսեցաւ
անոր
երեսին։
Յետոյ,
դարձաւ
ետ,
կրունկներուն
վրայ
զինուորական
շրջանումով,
դէմքին
բարտելով
հաստ
ու
գեղեցիկ
անասնութիւնը,
որ
ուժինն
է
տկարին
վրայ
ճառագայթուած։
Նորութիւն
էին
գերմանական
ա
լա
Վիլհելմ
պեխերը։
Ոլորած
անոնց
սլաքները,
աչքով
կը
չափէր
անշուշտ
անոնց
նիզակները
եւ
ակռաներովը
քոմիթաները
կ’աղար
«զօրութեամբ»։
Ու
եղաւ
լռութիւն։
Զոր
դուրսէն
կը
խանգարէր
ճնճղուկներու
կցկտուր
իրարանցումը,
աքասիաներուն
ա՛լ
կիսամերկ
ճիւղերուն
իրար
հալածող։
Զոր
կտրտեց,
չըսելու
համար
փոթորկեց՝
հեշտ,
անակնկալ,
որքան
անճշդելի
ձեւ
մը,
մեծակերտ
սանդուխներն
ի
վար,
հոսումին
մէջ
մնալով
կոր,
թռչունի
ճիչերուն
նման,
պուտ-պուտ,
ոստոստուն
ու
հեքիաթ։
Գծաւոր
ապակիները
կ’աւրէին
անոր
այդ
թրթռագին
ճարտարապետութիւնը։
Նկուղներուն
գարշ
մերկութիւններէն
վե՜րջ,
երբ
մեր
աչքը
կրակի
կտորի
մը
պէս
կ’իյնայ
այդ
ձիւներու
սիրտին։
Ու
մլուկներէ
դիակուած
պատերուն
յամառ
դամբանումէն
յետոյ,
սա
պատկերներուն
կէս-կախարդական
իրականութի՜ւնը։
Որոնք
մեր
հոգիներուն
ագուցուած
զրկանքը
չեն
լուսաւորեր
միայն,
խոր
այդ
հակապատկերներով,
այլ
կը
բացատրեն
երբեմն,
թէ
ինչո՞ւ
պալատէ
մը
ներս
աղջկան
մը
սիրտը
փուտ
է
այդքան
վաղահաս։
Կեանքին
դէմ
մեր
դառնութի՞ւնը,
առանց
պատճառի՝
այն
անզգած
չորութիւնը,
որ
զարնուած,
դեղնած
պտուղ
մը
կ’ընէ
մեր
սիրտը,
մեր
հոգիին
ծառին։
Ճի՞շդ՝
ճամբա՛ն,
որ
նկուղէ
մը
կը
փրթի`
յանգելու
համար
սա
ապարանքին…
Հատաւ
քայլերուն
այդ
մանրիկ
անձրեւը,
մարմարներն
ի
վար։
Աղջկան
մը
դէմքը,
որմէ
հալած
ըլլար
մարմինը,
վասնզի
ապակեփեղկին
հաստ
մէկ
շերտը
զայն
կը
գրաւէր։
Ատկէ
զատ,
կարգ
մը
գլուխներու
հրապոյրն
է
ատիկա,
–
ըլլալ
այնքան
տպաւորիչ,
որ
չքանայ
մարմինը։
Ու
ճիշդ
է
ատիկա
նաեւ
իր
հետեւանքովը։
Կան
իրաններ,
որոնց
վրայ
գլուխ
մը
պիտի
չուզէինք։
Ժպտուն,
պարզ՝
անիկա
անցաւ
սպային
առջեւէն։
Դէպի
ապակի
դուռը,
որուն
մէկ
քառանկիւնէն
անոր
պատկերը
կը
նմանէր
հին
օրերու
նկարի
մը,
իր
ոսկեզօծ
շրջանակին
մէջ։
Դիտեց
կալանաւորները,
մանր
տժգունութեամբ
մը,
որ
չէր
փնտռուած,
վասնզի
թուրք
աղջիկները
առանց
յուզումի
ալ
քիչ
են
գոյնէ։
Ամէն
ինչ
թափանցիկ
էր
անոր
մորթին
վրայ,
նոյնիսկ
մետաքսը։
Կան
այդ
աղջիկները,
որոնց
երեսները
ջերմ
ու
լուսանցիկ
մարմար
կը
թուին։
Հոգիին՝
ինչպէս
արիւնին
զարկը
կը
հեւայ
այդ
դալկութիւններուն
ծոցին։
Տրտում,
խոր,
անիրական՝
անոր
աչքերը
պաղած
մնացին։
Որո՞ւ։
Երբեմն
նայուածք
մը
հազարին
կը
նայի։
-Պատշգամին
աղջիկը…
Մտմտաց
իր
կարգին
Սողոմը`
պաղելու
համար
անոր
աչքերուն
մէջ,
որոնք
տարին
իր
նայուածքը
հանդարտ
յոգնութեամբ։
Իրեն
հաճելի
էր
իր
յանդգնութիւնը,
ինչպէս
այդ
ձեւէն
դէպի
ինքը
հոսող
անպատմելի
գոլը,
զոր
կ’որակենք
շատ
վերացեալ
բառերով։
Սպա՞ն։
Ինքզինքը
լեցուցած
իր
համազգեստին
մէջ,
փոխադրելով
դէպի
դէմքը
շնորհները
իր
արիւնին,
ժպիտի
մը
ուրուագիծին
մէջ
վարանոտ
ու
խեղճ։
Զինուորնե՞րը։
Կը
թուէին
մոռցած
ըլլալ
սպան,
քոմիթաները,
մարզանքը
ու
կեավուրներուն
ատելութիւնը`
տարուելով
գլխիվայր
պատկերին
անակնկալէն։
Նորագիր
տղաք,
սեռին
խուլ
սլաքին
տակ
մշտաբորբոք,
անոնք
իրենց
երազը
այդպէս
«եղնորդ»,
իրենց
բառովը՝
կազել
կ’ընէին։
Քիչ
անգամ
զայն
տեսան
այդքան
մօտիկէն։
Ու
անոնց
կարգ
մը
զգայարանքներուն
մէջ
ինկաւ
անուշիկ
սարսուռ։
Սեւ
դռնապա՛նը։
Որուն
նշանացի
պատասխանին
վրայ,
սպան
հրամայեց.
-Արշ…
Մոռցե՞ր՝
թէ
շուարեր։
Յանցապարտները
մարզանքի
կը
հանէր։
«Պատշգամի»
աղջկան
քովնտի
կեցուածքին
առջեւէն,
կալանաւորները,
միշտ
զինուորներէ
շղթայուած,
մտան
մարմար
բակ։
Վեր
էին
բռնած
իրենց
շղթաները,
որոնք
գետին
քսքսելը
արգիլուած
էր
դեռ
շղթայով
սենեակէն։
…
Մոսկուայի
մեծ
պալատներուն
սրահնե՜րը։
Ի՜նչ
անօրէն
բռնակալ
է
մեր
միտքը,
որ
մեզի
կը
դարձնէ
բաներ,
որոնցմէ
բաժնուած
կը
կարծէինք
զմեզ։
Երբ՝
եռանդուն
ուսանող,
թեւը
տուած
կապուտաչուի
աղջկան
մը,
կը
բարձրանար
նման
սանդուխներէ,
միտքը
ալեկոծ
գիրքերուն
հովէն,
զգայարանքները
կուշտի
աղջիկէն։
Ո՞վ
բերաւ,
անոր
ուղեղին
սա
տխրալի
պատկերը…։
Անոր
անդրադարձը
զինքը
ըրաւ
հանդարտ,
գրեթէ
անտարբեր,
Պրուսայի
պէս
«փուճ»
գաւառական
քաղաքի
մը
սա
երկդիմի
պերճանքին
դիմաց։
Թուրքին
«լիւքսը»,
ինչպէս
տարազեր
էր
տեսարանը,
տակաւին
բակ
չմտած։
Ու
արագ
սահեցան
նոյն
արահետով,
միւսներն
ալ,
վայրագ
մզկիթներ՝
բորբոսած
գագաթներով,
ու
աղբիւրներ՝
իրենց
լիազօր
ոճովը։
Ու
նոյնքան
գձուձ,
դժխեմ,
անարեւ,
խանի
կմախքով
բնակարաններու
հանդէսէն
ետքը,
որոնք,
թուրք
մշակոյթէն
իր
մէջ
կարկառուն
մնացորդներն
էին
(անիկա
պտըտած
էր
կայսրութիւնը
արեւելքէն
դէպի
հարաւ,
յետոյ՝
հիւսիս
եւ
արեւմուտք
պողոտաներէն,
անհաւատալի
իր
ոդիսականը
վերջացնելու
համար
սա
պալատին
«հովանիին
տակ»,
ինչպէս
կ’ըսեն
մեր
գրչագիրները,
երբ
իրենց
Ս.
Աւետարանը
աւարտած
կը
ներկայացնեն
«ընդ
հովանեաւ»
այս
ու
այն
սուրբին),
սա
տաք
ու
ճերմակ
քաղցրութիւնները,
քարէ
ու
մարդկային
միսէ,
անոր
մէջ
արթնցուցին
հեշտ
տրտմութիւն
մը,
վաւերական
կեանքի
խորիսխէն
պատառ
մը
չէչ
մեղր։
Մի
ըսէք
ու
մի
ուզէք,
որ
մարդիկ
քալեն
արագ
դէպի
իրենց
ճակատագիրը։
Ընկեր
Մաթիկը
երեք
ժամ
յետոյ
ծոցն
էր
այդ
մահուան։
Բայց
անկէ
առաջ
բարի
եղէք
զայն
տեսնելու,
պայծառ
իր
սուզումին
խորը։
Ան
ի՜նչ
մեծութիւն
է
այս
համակերպուն
ինքնազսպումը,
որ
զրկանքէն
չի
պայմանուիր
հերոսներուն
ու
սուրբերուն
մօտ։
Ափը
ափին՝
Մոսկուայի
համալսարանի
սանդուխներէն,
կապուտաչուի
աղջիկին,
որուն
կորուկ
կզակները
երազ
կը
ծամէին
ու
պատառ
մը
յորձանք
կ’ըլլային
այտերուն
վրայ,
փոսիկէ
փոսիկ։
Այո՜։
Մեր
ձգելիք
աշխարհը
։
Շ
ատ
բան
կայ
հոն։
Ամէնէն
առաջ՝
ափը
սա
կեցող
աղջկան,
իր
կրակ
ափին,
աղբիւրի
մը
գլխուն,
սօսիի
մը
խոռոչին
յեց,
հայու
եւ
թուրքի
դասական
դժոխքէն
վեր
ու
հեռու…։
Ո՜վ
մեր
դժբախտութիւնը,
երբ
մեր
ճամբու
վախճանին
մեր
դիակը
կը
կրենք,
բայց
դեռ
ողջ։
…Կովկասէն
Երկիր
մտած
գիշե՜րը,
ուր
կար
սա
մահը
նորէն,
բայց
ոչ՝
սա
հանդէսով,
երբ
վասպուրականցի
չորս
տղոց
հետ
դրաւ
ոտքը
ա
ռ
աջին
անգամ
իր
երազած
հողերուն,
քարքարուտ,
կոշտ,
պաղ
ու
դիակ։
Ու
ասոնց
երկհազարամեայ
հոգիին
առաջին
բախումը
զգաց
իր
ալ
ներսը,
պապերուն
մշուշէն
յառնող
կրակէ
թակաղ,
որ
լացուց
զինքը,
ցաւէ,
հեշտանքէ։
Այսպէս
ենք
շինուած։
Ու
վէպ
գրելու
համար
մեղք
պիտի
ըլլար
զոհել
սա
պահերը։
Քալեցին
սակայն։
Ետ
մնացող
աղջիկը,
անոր
մ
տ
քին
դաշտերէն,
թեթեւ,
շարունակեց
տնտնալ։
Մինչ
իր
ոտքերը
կը
կոխէին
քարերը,
անոր
ուղեղին
տակ
ընդարձակ
կայսրութիւն
էր,
կեանքին
բազմամբոխ
հորձքովը,
կիներէ,
աղջիկներէ,
իր
պատանութեան,
ուսանողութեան,
յեղափոխական
գործունէութեան
(անիկա
գործեր
էր
Կովկաս,
Վասպուրական,
Տարօն,
Սասուն
ու
իրեն
յատուկ
պատճառներով
հերձուածի
ինկած
ու
լքած
իր
կուսակցութիւնը,
մահ
փնտռելու
ու
մեր
ժողովուրդը
ճանչնալու
իր
ճիգին
մէջ
թափառեր,
ամբողջ
կայսրութիւնը
կտրելով
անհաւատալի
պայմաններու
տակ
ու
«Ծովը
անցնելէ
ետք՝
առուակին
մէջ
խեղդուիլ»
էր
եկեր)
կսկծալի
դրուագներովը։
Գեղեցիկ
ժողովուրդի
մը
դժխեմ
ճակատագրին
դէմ
մարտնչելու
ելլող
իր
հերոսական,
միամիտ,
տոնքիշոթ
արիութեամբը…։
Մշուշ՝
այս
ամէնը։
Ու
ահա
արեւին
պէս,
որ
կը
ծակէ
այդ
հոսուն
ու
պղտոր
տրտմութիւնը
(մեր
կեանքը
ուրիշ
բան
չէ
յաճախ),
պատկերը
սա
աղ
ջ
կան,
որ
ունէր
նմանութիւնը
միւսներուն,
ռուս
ուսանողուհիներ,
ընտանի
հայեացքով,
մարդամօտ,
ողողող
ու
տաք,
որուն
էջքը
իր
մէջը
գաղջ
զգայութիւն
էր
այդ
պահուն։
Ո՞վ
կը
փոխադրէր
հեռաւոր
հիւսիսին
այդ
նայուածքը
իր
մէջ,
երբ
ինք
յստակ
գիտակցութիւնը
ունէր
ուրիշ
բաներու։
Անիկա
երազ
չէր
տեսած
այդ
կէսօրին,
բայց
տեսիլքի
վիճակ
մը
զինքը
ըրեր
էր
իմաստուն,
ու
գերզգայ,
վասնզի
խօսեր
էր
այսօր
տեղի
ունենալիք
մեծ,
տրտում
բանի
մը
մասին,
պալատի
մը
մէջ,
ուր
Մոսկուայի
սրահներուն
ոճը
պիտի
տրուէր
անոր
գուշակել,
ինչ
որ
իրականութիւն
էր
արդէն։
Տարիքները
եղանակներն
են
մեր
կեանքին
եւ
ունին
իւրայատուկ
ֆլորա,
մտածեց
կրկին
գիտուն
Մաթիկը,
բայց
չգիտնալով
ինչուն։
Դեղձան
այդ
աղջկան
մորթէն
տակաւ
ի
ն
ուրիշ
բաներ,
իրեն
տարօրէն
ծանօթ,
ա՛յնքան՝
որ
փորձեց,
հակառակ
ինքզինք
յիմար
կոչելուն,
դառնալ
հեղ
մը
ետ։
Զինուորի
մը
հսկայ
մարմինը
հորիզոն
էր
անոր
կռնակին։
Բակը
հա
տ
ած։
Ծաղիկներն
ու
տունկեր
ը
դեղնաւուն
շամանդաղով
մը
գործի
ելած,
որ
տարօրէն
կը
կրկնէր
դեղձան
զգայութիւնը
աղջկան
մորթին։
Ո՞ւր,
ե՞րբ
տեսեր
է
ր
անիկա
այդ
գոյնին
կապուած
գիծերու
սա
շէնքը։
Կովկասեան
ցեղերու
կորաձե՞ւը։
Կը
պատահի,
որ
մեր
տղոց
վրայ
մենք
տեսնենք
գիծերը
մեր
ընտանիքէն
ուրիշ
ձեւերու։
Մեռածները
ողջերուն
վրայ
այդ
կերպ
թառած,
մեզի
կ’այցելեն
ու
մենք
մեր
պատանութեան,
մեր
շատոնց
հագած
ձեւերուն
յառնումը
խռովքով
կը
տեսնենք
այդ
փայլակներուն
մէջ։
Կովկասեան
աղջիկներու
այդ
լրջախոհ
գեղեցկութի՞ւնը,
տակաւին
կին
չեղած
այնքան
գրաւիչ։
Ընկեր
Մատթէոս
Մելիքխանեանց
կ’անգիտանար
սա
աղջիկէն
իր
անցեալը,
մեզի
բաւական
ծանօթ։
Կովկասեան
աղջիկներու
մո՞յնքը։
Ո՜վ
գիտէ։
Դիտուած
է,
որ
մորթային
զգայութիւնները
զօրաւորագոյններն
են
հոտառականներէն
ետքը։
Ու
պատանիները
աղջիկները
իբր
մորթ
կը
զգան՝
ոչ
թէ
իբր
աչք։
…Ու
Մաթիկին
ափին
մէջը
եղաւ
թաւիշ
մորթը
կապուտաչուի
աղջկան,
անունով
ռուս,
բայց
Արեւելքէն,
Հարաւէն,
տարօրինակ
Կ
ովկասէն,
ինչպէս
կը
հաստատէին
ատիկա
իր
մէջ
թաքուն
վկայութիւններ։
Հեռու
համալսարանին
ընթերցատան
սրահները,
որոնց
բակը
կը
սկսէր
սա
մարմարներով։
«Կապուտաչուի»
աղջի՜կը,
«իրենց
կողմերէն»,
–
վրացի՞,
չերքէ՞զ,
լեզկի՞,
թո՞ւրք։
Պիտի
չհարցնենք
ատիկա,
կուշտ
կուշտի
երբ
կը
քալենք
աղջիկներուն
հետ։
Պիտի
հարցնենք՝
երբ
կը
ճանչնա՜նք
զանոնք։
Նրբանցք
մը։
Բայց
պալատի
ոճով։
Այսինքն՝
սրահի
չափ
լայն։
Հանդիպակաց
դուռներ,
բոլորն
ալ
հաստ
թաղիքէ
վարագոյրներով,
որոնք
իրեն
ք
իրենց
պլորուած
կը
մնային
կախ
`
իջնելու
սպասման
մէջ
տրտմօրէն
տաճիկ։
Թուրք
պալատներուն
մէջ
բան
մը
կայ,
որ
կը
դաշնաւորուի
անոնց
կրօնքին
անդրագոյն
ոգիին
հետ։
Լոյսի
նուազութիւնը
խարիսխը
կը
կազմէ
այդ
զգայութեան։
Յետոյ՝
որքան
ալ
աշխարհիկ՝
անոնց
մէջ
ոճը
կը
թուի
ազդուած
ըլլալ
մզկիթներու
յաճախանքէ
մը։
Չորութիւն
եւ
գիծերու
խստութիւն։
Ժուժկալութիւն
եւ
մերկութիւն,
խիստ
անհատապաշտութիւն,
–
ասոնք
կը
տպաւորեն
ուժգնակի
Արեւմուտքի
անցորդները,
որոնց
համար
ապարանքները
միշտ
ներհակ
զգայութեանց
հետ
կը
մնան
շաղկապուած։
Դղեակ
մը,
նոր
օրերու
պալատ
մը,
այդ
Արեւմուտքին
մէջ,
հաւաքական
ոճի
մը,
ցուցադրում
ու
յորդում
կ
ը
նշանակեն։
Ու
կը
զատուին
սրբազան
շէնքերու
արթնցուցած
միւս
ալ
համայնականութենէն։
Արեւելքի
մէջ
ամէն
ինչ
կը
բխի
աղօթքէն։
Ճամիի
հո՞տ,
սա
պատկերէն,
որպէսզի
Սողոմը
փոխադրուէր
գիւղաքաղաք,
որուն
մզկիթին
դուռնէն,
ամրան
շողերուն
իսկ
չէր
պակսեր
կախուելէ
այդ
կաշիէ
պատեանը։
Բոլոր
դուռներն
ալ
շագանակագոյն,
պէժէն
յետոյ
երկրորդ
ընթացիկ
ներկը
բանտաքաղաքին,
պատերը՝
ճերմակ,
շլացուցիչ
ըսուելու
չափ։
Խոր։
Ճակատէն
այդ
նրբանցքը
կը
յանգէր
մեծակերտ
դռնամասի
մը,
հսկայական,
զոյգ
փեղկերով,
որոնց
վրայ
հին
ոճով
բարձրաքանդակ
պտուղներու
քով
բանուած
էին
նուրբ
ճաշակով
սատափեայ
ծաղիկներ։
Շատ
հաւանաբար
միջնազարդերը
վերցուած
էին
բիւզանդական
պալատի
մը
բախտով
խնայուած
մէկ
հնութենէն։
Թուրքերը
ունին
այս
անգթութիւնն
ալ։
Կը
կտրեն
իրենց
հաւնած
մասը,
ոսկի,
արձան,
տօսախ,
եւայլն,
ու
կը
զետեղեն
իրենց
օրերու
ատաղձագործութեան
մէջ։
Դար
մը
առաջ՝
կրօնական
ըղձաւորութեամ
բ,
հիմա՝
գերմանական
հնագիտութեան
հարկատու։
Խումբը
քալեց,
փակ
սա
դուռներուն
ա՛լ
իրենց
քաջածանօթ
խորհուրդին
մէջէն։
Պաշտօնատունէ
պաշտօնատուն,
նրբանցքներուն
ճակատագիրն
է
սա
մռայլ
թմբիրը։
Դուռները
գոց
են,
վասնզի
ներսի
էֆէնտիները
անտարբեր
են
բախտովը
թուղթերուն,
որոնց
վրայ
կը
կատարուի
իրենց
մելանեայ
աշխատանքը։
Կիներու
պակասը
–
մի
մոռնաք
սաւանը,
որ
թուրք
կիներէն
կը
զեղչէր
իրենց
հիմնատարը
–
այդ
դուռները
փակ
պահող
գլխաւոր
ազդակն
է
թրքական
դիւանատանց
մէջ։
Նրբանցքին
բոլոր
դուռները
մնացին
անշարժ։
Մեծակերտ
կառոյցին
առջեւ
պահա՛կը,
որ
անզգալաբար
ինքզինքը
ըրաւ
քիչ
մը
աւելի
թուրք։
Հայ
բանտարկեալը
ճանաչելի
է
տարազէն
`
որքան
մոյնքէն։
Ծեծը,
ահը,
թուրք
բարեխառնո
ւ
թիւնը
տեսակ
մը
դալուկ
կը
նետեն
անոր
աչքերուն։
Անոնց
ոտքին
ձայնը
բացաւ
մեղմով
մէկ
փեղկը
այդ
դուռներուն։
Դեռ
չէին
հասած
խորքին։
Անխուսափելի՝
հարցաքննիչ
դատաւորը։
Ձեռքին
թուղթը
–
քառորդ
դարէ
ի
վեր
անիկա
պաշտօնատունները
չպտըտեցաւ,
առանց
այդ
ծրարներուն,
լայնօրէն
ձգուած
ազատ
իրենց
մարմիններէն
–
ծուռ
իր
վիզը
ծռեց
քիչ
մը
աւելի։
Ծռած
էր
իրանին
կէսէն,
ծունկի
վրայ
գրել
ստիպուած
ըլլալուն,
մեծաքանակ
իր
տեղեկագիրները,
հին
օրերու
հոճայի
մը
նման,
որ
ծունկին
մէկը
յատակին,
միւսը՝
եռանկեան
մը
գագաթին
վերածած,
կը
դնէ
այդ
գագաթին
կռնակի
մը
ափին,
իբր
գրակալ,
սեղան
եւ
քիթը
իջեցուցած
անտող
թուղթին,
կը
տքնի
գիրէն
աւելի,
գծագրութեան
տանջանքով։
Ատկէ
զատ,
կան
մարդեր,
որ
սորված
են
ուսով
ալ
տեսնել,
երբ,
անպատճառ,
իրենց
աչքերուն
առածը
կ’ուզեն
զօրացնել
վիզով
ալ։
Լուրջ
ու
թուրք
էր
անիկա։
Այսինքն՝
պետական
պաշտօնականութեամբ
մը։
Ոչ
մէկ
ժողովուրդի
մէջ
կառավարական
պաշտօնեան
այնքան
ինքնաբաւ,
երջանիկ
ու
պայծառ
է,
որքան
թուրքերուն
մէջ։
Անոր
մէկ
երկդիմի
նշանով
ը
սպան
–
առաջնորդը
–
զատեց
Սողոմը
միւս
երկուքէն։
Երկու
զինուոր
հրեցին
տղան,
բիրտ,
առանց
գիտնալու
պատճառը,
որ
կ’ընէր
զիրենք
այդքան
խիստ,
սա
նշանաւոր
նրբանցքին
ալ
մէջը,
ուր
այնքան
քիչ
անգամ
պատեհութիւն
ունէին
մտնելու։
Թուրքին
մէջ
բնա՞զդը՝
սա
ուժգնութիւնը,
կեավուրին
հանդէպ,
երբ
կարիք
չկայ
ատոր։
Զայն
քշեցին
մօտ
դուռնէ
մը,
որ
գոցուեցաւ։
Միւսները
ներս՝
երկփեղկ
կառոյցէն։
-Սրբ
ե
ցէք
ոտքերնիդ։
Միւսթանթիգ
էֆէնտի՛ն,
որ
փոքր
մարմինէն
ուժով
հրամաններ
կ’արձակէր,
միշտ
լուրջ,
խիստ
իր
թոնովը։
Երկու
հայերը
իրենց
կտոր-կտոր
ոտիցները
կը
վախնային
քսքսելէ
մազանման
առարկային,
որ
պաշտօն
ունէ՜ր
հիւրերուն
ոտքերէն
փոշին
առնելու։
Սպա՛ն,
որ
վար
ըրաւ
իր
ձեռքը
ճակտէն,
հրաման
առնելու,
քաշուելու
դուրս։
Ընկեր
Մաթիկը
հաւաքեց
շղթան՝
աղջկան
մը
պէս,
որ
փէշը
կը
հանգրիճէ։
Շատ
ընդարձակ
սրահ
մըն
էր։
Թաւիշ
աթոռներ,
պալատական
եւ
ծերակուտական,
ու
կլորակ
կանանչ
ծածկոցով
մեծ
սեղաններ
կը
գրաւէին
անոր
կէսէն
անդին։
Դիւանական
նկարագիր
չունէր
քոմանտան
փաշային
աշխատանոցը,
ծանօթ՝
քաղաքին
բարձր
շրջանակներուն,
ո՛չ
միայն
իր
ներքին
յարդարանքովը,
այլ
մա՛նաւանդ՝
կնոջն
ու
աղջիկներուն
փնտռուած
ճաշակովը,
որոնց
մատը
եւ
շունչը
այդ
թանձր
սրահէն
վերցուած
էին
պետական
դիւաններու
անտանելի,
անճաշակ
պարզութիւնը։
Հիւրերը
գիտէք։
Ատոնց
պակսած
ատեն,
միւսնե՜րը,
բնախօսութեան
եւ
հոգեբանութեան
խստամբեր
մուսաները։
Կնոջն
ու
աղջկան
ու
հինգ-տասը
սպասուհիներու
փոյթը
չէր
կրնար
յաղթել
փաշային
աշխատանքին,
որ
իր
քմայքն
ու
ճաշակը
պարտադրեր
էր
այդ
սրահին
արդուզարդին։
Թուղթերու,
թերթերու
դէզ,
բոլոր
սեղաններուն
վրայ։
Շմինէ
ին
ճակտին,
օսմանեան
մեծադիր
զինանշանը
`
բանուած
իր
աղջկանը
մատներով։
Թանկագին
–
որովհետեւ
շատ
հին
–
երկու
ծաղկամաններ,
ըստ
աւանդութեան՝
հին
խալիֆաներու
ապարանքներէն,
շմինէին
մարմար
առ
է
քին,
մէյ-մէկ
անկիւն
գրաւելով։
Ջահ։
Կերոնակալ
ու
կլոր
սեղանին
վերեւ։
Աշխատանոցին
ամէնէն
արժէքաւոր
զարդը
մատենադարանն
էր
սակայն,
որ
կը
գրաւէր
երկկողմանի
պատերը,
ամբողջ
երկայնքով։
Սքանչելի
ընկուզենիէ
այդ
բազմաստիճան
դարաններուն
մէջ,
երջանիկ,
գերերջանիկ,
որովհետեւ
անհուպ
բնակիչները
անոնց,
գիրքե՛րը,
բոլորն
ալ
փառակազմ։
Փաշան
Պոլի
ս
կը
ղրկէր
գիրքերը,
տարին
մէկ
անգամ,
որոնք
կաշիէ
իրենց
պատեանները
հագնելէ
յետոյ
կու
գային
հոտելու
ու
իրենց
կռնակովը
ապերլու
այցելուներու
զարմացումին
մէջ։
Մեծ
մասը
անոնց
թուրքերէն,
ինչպէս
վճռեց
Մաթիկին
լեզուագիտութիւնը։
Անոր
յիշատակներուն
մէջ
կային
այդ
գիրերը,
մզկիթներու
ճակտէն
կամ
ներքին
պատերէն,
երբ
փոքր
տղայ,
Թիֆլիսի
աղօթատեղիները
կ’այցելէին
դասարանով,
պատմութեան
եւ
կրօնքի
ուսուցիչներէն
առաջնորդուած։
Գերմաներէն
եւ
ֆրանսերէն
հատորներ
ալ,
որոնց
անունները՝
իրենց
կռնակին
ոսկի
փորագիր։
Գիրքերու
քաղցր
հո՛տ
մը՝
թաւիշին
ու
ընկուզենիին
գաղտ
դաշնաւորումով։
Մաթիկը
կը
ճանչնար
բանտերու
վերատեսուչը։
Տէ՜րը
այս
գիրքերուն,
որ
կը
թուէր
օտար,
ահագին
կոյտովը
իր
փորին,
սրահէն
յ
ա
ռնող
ընդհանուր
իմաստին։
Թուրքն
ու
գիրքը
դժուար
կը
հաշտուին
մեր
ուղեղներուն։
Միւսթանթիգ
էֆէնտին
–
խորը
իր
ցա՜ւը՝
իր
էֆէնտի
տիտղոսէն,
քանի
որ
զայն
պէյութեան
բարձրացնելու
համար
տարիներու
եռանդուն
աշխատանքը
անցած
էր
ապարդիւն,
հասակին
կարճ,
վիզին
ծուռ
մեղքերովը,
աւելի
ճիշդը՝
իր
պաշտօնին
մէջ
ցոյց
տուած
ծիծաղելի
ջերմութեան
բերումովը,
որ
զինքը
կ’ընէր
անճկուն
ու
փայտ
կոտրող
–
եղէգ-գրիչը
ֆէսն
ի
վեր
մխելէ
ետքը,
խորունկ
խոնարհումով
մը
գրաւեց
իր
աթոռը՝
առանց
թաւիշի։
Փաշաներուն
յատակներն
իսկ
տիտղոսով
կը
ծնին
ու
մահկանացուներուն
պայմաններէն
դուրս
յարգանքներով
կը
պատուասիրուին։
Հարցաքննիչ
դատաւորը,
լեզուն
շատ,
կ’ըսէր
իր
իմաստութիւնը,
առանց
փոխել
կարենալու
իր
աթոռին
խսիր
յատակը,
գոնէ
բուրդէ
մինտէր
մը
չկրնալով
փրցնել
պէօտճէ
էն
(պիւտճէ՜ն
թուրքի
բերնին
մէջ)։
Յանցաւորներուն
շատ
մօտիկ՝
անիկա
առաւ
իր
շատ
հանդիսաւոր
կերպարանքը։
Քունքերուն
վրայ
անոր
ակնոցին
թելերը
ոլորուած
էին
բամպակի
բարակ
խաւով
մը։
Շատ
զգայուն
անոր
մորթը
դժուար
կը
հանդուրժէր
մետաղին
շփումը
իր
այտերուն։
Սեղանը
կը
գրաւէին
հինգ
պաշտօնատարները,
երեքը
քաղաքական
տարազով։
Թո՛ւրք,
գոնէ
գլուխներէն,
վասնզի
զինուորականներուն
գլխանոցը
նուազ
չէր
վայելեր,
քան
միւսներուն
ֆէսը։
Ու
հովէն՝
որ
մեզի,
հայերուս
համար
անըմբռնելի
կը
մնայ,
այդքան
կորակոր
պարտութիւններէ
ետքը,
երբ
մեծերը
այդքան
կատարեալ
թուրք
գիտեն
ըլլալ։
Մաթիկը
ճանչցաւ
հազարապետը,
ուշադիր,
կիսաժպիտ՝
ինչպէս
էր
միշտ
դիմակը
այդ
մարդուն,
զիրենք
լսելէ
յետոյ
քաշուելուն
համար
ներս։
Յեղափոխականները
գիտէին
յաջորդող
տանջանքին
եւ
սա
կիսաժպիտ
բարութեան
խորունկ
աղերսը։
Անոր
այդ
քաղցր
անփութութիւնը,
գրեթէ
մարդավարի
մեղմութիւնը
ի՜նչ
վ
այրագութեամբ
կը
հերքուէին
ոստիկաններուն
անողոքելի
խստութեամբը,
որոնք
ծեծին
մէջ
գիտէին
վեր
ելլել
թուրքէն,
բա՛ն
մը՝
որ
դիւրին
ալ
չէ
միշտ։
Անիկա
խօսքի
էր
քոմանտան
փաշային
հետ,
հաւանաբար
շատ
շահեկան
հարցի
մը
մասին,
վասնզի
հայերուն
մուտքը
հազիւ
ակնարկով
մը
վրդովեց
այդ
երկասացութիւնը,
որ
մեղմ
էր
եւ
չէր
խանգարեր
ժողովականներուն
գոհունակ
տրամադրութիւնը։
Հազարապետ
փաշան
իր
ասպարէզը
պարտական
էր
այս
գաղտնիքին։
Քիչ
հետաքրքրութիւնը,
գոնէ
ասոր
պատրանքը
թելադրելը
շրջապատին,
վարչական
առաքինութիւն
մըն
է։
Ճարտարութեամբ
գործադրուած՝
անիկա
պիտի
շփոթուի
իմաստութեան,
ու
ասոր
պտուղ՝
լրջութեան,
պետական
մարդու
վայել
արժանիքներու
հետ։
Ծանր
գլուխը
պարապ
պատկեր
մը
չէ։
Յանցաւորները,
իրենց
կռնակը
պատին
–
անոնց
արգիլուած
էր
կռթնիլ,
մաքրութեան,
կեցուածքի
եւ
էթիքէթի
ուրիշ
նկատումներով,
ո՛չ
միայն
հոս,
այլեւ՝
ամէնէն
պարզուկ
քեաթիպին
աղտոտ
խոռոչին
մէջն
անգամ
–,
լուռ
սպասումով։
Տեսակ
մը
հպարտ
համակերպութիւն,
որ
կը
տպաւորէր
պոռոտութեան
պակասով
մը,
զանոնք
կ’ընծայէր
շահեկան։
Այս
մարդիկը
շաբաթներով
ամէն
օր
ծեծ
էին
կերած։
Ու
անցած
ամէնէն
դաժան
չարչարանքներէն,
բայց
պահած
իրենց
միօրինակ
տրտմութիւնը,
մէկ
ոճէ
վստահութիւնը
իրենց
անձին
ու
ցեղին
վրայ։
Ասով
կը
զատուէին
շրջանի
գեղերուն
անկնիք
հայութենէն,
վասնզի
չէին
լար
ու
աղաչեր
ու
չէին
վախնար։
Հազարապետ
փաշան
ակնարկը
վերցուց։
Ընկեր
Մաթիկը,
ընկղմած
գրադարանին
զննութեամբը,
երանաւէտ
այլուրութեան
մը
մէջ։
Հազարապետը
ծանօթ
էր
անոր
զարգացումին,
ինչպէս
նաեւ
յեղափոխական
տիպարին
սա
փոփոխակին,
Պոլսէն,
ուր
իրեն
տրուած
էր
շփուիլ,
վարժարանէն
մատնուած
ուսանողներու,
ինչպէս
նաեւ
զանազան
ուրիշ
տիպարներու,
արհեստաւոր
ու
բեռնակի՜ր։
Այս
ժողովուրդը՝
անհասկնալի՛,
իր
երիտասարդներուն
վրայով,
երբ
այնքան
պարզ
էր
իր
վաճառականներէն,
բժիշկներէն,
պետական
պաշտօնեաներէն,
մատնիչներէն
եւ
կղերականներէն։
Անիկա
թուրք
էր
սակայն,
այսինքն՝
հայուն
մօտ
ամէն
բան
ցեղային
մշուշէ
մը
տեսնելու
դատապարտուած։
Իրողութիւն
էր,
որ
գիրքերու
սա
կաճառին
մէջ,
Մաթիկին
մտքէն
հալածուած
էր
թուրքը,
այս
բառին
զուգորդ
հազարամեակը
մեր
պատմութեան։
Իննսունհինգի
մեծատարած
սպանդը,
անկէ
յետոյ
մեր
ժողովուրդին
վրայ
սաւառնող
մղձաւանջը,
իր
իսկ
զգայութիւնները
այդ
վայրագութենէն
ու
շղթայով
սենեակին
մէջ
իրենց
թելադրուած,
խոստացուած
ճակատագիրը,
որուն
գուշակումին
մէջ
շատ
ալ
կծծի
չէին
եղած
ոստիկանները,
իրենց
մոլուցքէն
մղուած,
երբ
կը
կեցնէին
ծեծը,
ենթականերուն
նուաղումէն
յետոյ,
վրանին
պաղ
ջուր
թափելու
ատեն
ափսոսալով
մեծերուն
խելքին
ու
անոնց
անիմաստ
հրամաններուն։
Վայրենութիւնն
ալ
կը
յոգնի
ի
վերջոյ։
Շղթայով
սենեակին
սա
սրա՜հը։
Այսինքն՝
երիտասա՛րդը,
որ
սիրէր
աշխատանքը,
միտքը,
զարգացումը,
քիչ-շատ
տանելի
կեանքը,
արդար
բա
ժ
ի՛ն՝
սա
աշխարհէն,
իր
տարիքին
ու
քիչ
մըն
ալ
ամէնուն։
Այո՜։
Փոխարէ՞ն
այդ
գաղտ
երազին։
-Սա
շղթան
ու
անկէ
վեր
վարագոյր,
որ
պիտի
իջնէր։
Աս՝
կեանքը
քսանէն
վեր
ու
երեսունէն
վար
եղողներուն։
Տեղի
նորոգում
մը
պատճառ
է
մեր
մտքին
մէջ
այս
փլաքի
փոփոխումներուն։
Կ’ըսեն,
թէ
հոգին
կը
բուժուի,
երբեմն,
լեռնէ
լեռ
անցքով
մը։
-Շէյ
խ
Սապի՞թը։
Հարցը
տուողն
է
միւսթանթիգ
էֆէնտին։
-Մէկ
ժամ
վերջը։
Կարծր,
երկաթէն
ալ,
սա
պատասխանը։
Տէ՞րը
այս
ձայնին։
-Օսման
պէյզատէ
Օսման
պէյ
հազրէթլերի…
Արտակարգ
նախագահ,
Պոլսէն,
այսինքն՝
ուղղակի
սէրայը
հիւմայուն
էն
(կայսերական
պալատ)
անուանուած
սա
արտակարգ
մասնաժողովին,
որ
այդ
պահուն
նիստի
մէջ
կը
մտնէր,
ճշդելու
համար
տարողութիւնը
քոմիթաներով
ստեղծուած
սա
խնդրին
։
Իր
իշխանութեան
նկարագիրն
էր
այս
միջամտումը
ամէն
հարցէ
ներս։
Օրինաւոր
կառավարութիւնը
ամէն
րոպէ
կրնար
ընդունիլ
կայսերական
սա
գաղտ
հրահանգները։
Դատական
իշխանութիւնները
ամէնէն
շատ
ենթակայ
էին
այս
ազդեցութեան։
Ա՛յնքան՝
որ
քաղաքական
յանցաւորները
փշոտ
խնդիրներ
էին,
որոնց
լուծումը
կը
պատրաստէին
յայտ
պաշտօնեաներէն
աւելի
անյայտ
հրամաններ։
Վեհապետին
ապահովութիւնը
կապուած
էր
այդ
հարցին։
Ու
անձնապահ
զօրքերու
գունդին
քով,
անձնապահ
դատական
կազմն
ալ
իրապէս,
թէեւ
թաքնօրէն,
կը
գործէր
ամէն
տեղ։
Ու
արտակարգ
նախագահը
Սուլթանին
վստահութիւնը
վայելող
մեծակառոյց
մարդ
մըն
էր։
Ամէնէն
ազդեցիկ
անձնաւորութիւնը
կուսակալութեան։
Մեծատարած
հարստութեան
մը
հետեւող
բնական
վարկին՝
անիկա
կը
միացնէր
գերդաստանեան
ծագումնային
հեղինակութիւն
մըն
ալ,
կրօնա-նուիրապետական
ակօսներէ։
Որդւոց
որդի,
անոր
հայրերը
կառավարեր
էին
մեծ
տաղանդով
ու
խղճահար
պարկեշտութեամբ
(ո՜վ
մեր
բառերը,
որոնք
երբեմն
ճիշդ
ներհակը
կը
կերպադրեն,
կ’ապրին
իրենց
առաջին
իմաստին։
Կողոպուտը
այս
մարդոց
լեզուով
աճում
կը
նշանակէ,
անձնական
թէ
հանրային
գետիններէ)։
Մեծածաւալ
վագըֆ
ները,
որոնք
այդ
կուսակալութեան
մէջ
այնքան
ընդարձակ
գետիններ
ու
հոյակապ
կ
ալուածներ
կը
ներկայացնեն։
Սուլթաններու
առաջին
մայրաքաղաքը
վայելած
է
անոնց
առաջին
յաղթանակ
ն
երուն
ամբողջ
փարթամութիւնը,
երբ
գրաւուած
հողերուն
եւ
ինչքերուն
մէկ
կարեւոր
մասը
անոնք
կը
ձգէ
ի
ն
այս
ու
այն
մզկիթին,
աս
ու
ան
նահատակին
կամ
սուրբին
իբր
նուէր
։
Որդւոց
որդի՝
Օսման
պէյզատէները,
իրենց
հասկցած
ձեւով,
այդ
վագըֆները
շահագործած
էին,
աճեցնելով
բռնութեամբ
կրօնական
եռանդով,
վարչական
կողոպուտով,
դարէ
դար,
փրկելով
իրենց
գերդաստանը
բախտին
փոփոխուն
քմայքներէն,
որոնք
քաղաքային
իշխանաւորները
այնքան
անկայուն
կ’ընեն,
վեհապետի
փոփոխութեանց
կամ
ժողովրդային,
զինուորական
ընդվզումներու
ատեն,
սպառսպուռ
անճիտելով
նախանձուած
փաշաները,
կուսակալները
եւ
ուրիշ
քաղաքային
պաշտօնակալները։
Ու
դիզած
էին,
անձայն
ու
անցոյց,
անհաշիւ
ոսկի,
պալատներու
խորը,
ուր
ոսկին
կը
մգլէր
ով
գիտէ
քանի՜
հարիւր
տարիներէ
ի
վեր։
Ամբողջ
լեցուն
նկուղներ
կորսուած
էին
շարժէ
կամ
ընտանիքի
պետին
կասկածոտ
նկարագրէն,
որ
իր
որդիներուն
կը
զլանար
բանալին
ու
գաղտնիքը
այդ
ստորերկրեայ
գանձարաններուն։
…Անոր
հայրը
յաջողած
էր
քիչ-շատ
կանոնաւորել
այդ
տարածուն
վարչութիւնը,
այսինքն՝
պետական
արձանագրութիւններով։
Հէօճէթ
ով
ու
թէմէսիւք
ով
օրինական
սեփականացումը
իրագործելով
ստուարաթիւ
կալուածներու,
երբ
գատաստրո
յի
դրութիւնը
սկսաւ
գործադրուիլ
թուրք
հողերուն
եւ
շէնքերուն
վրայ։
Տղան,
արտակարգ
այս
նախագահը,
այս
հասոյթները,
ինչպէս
նաեւ
պապենական
տարազը
շահագործելու
մէջ
դրաւ
բացառիկ
ճարտարութիւն։
Հին
ըմբռնումով
թուրք
մնալու
իր
յամառութեան
մէջ՝
անիկա
ձեւն
էր
գտած
զատուելու
թէքքէ
կամ
մզկիթ
հոտող
միւսլիւմանութենէն,
որ
տասնիններորդ
դարուն,
ենիչէրիներու
պատուհասումով
կորսնցուց
իր
հմայքը։
Մզկիթ
շինե՜լ։
Այո՜։
Բայց
անոր
մէջ
աղօթելու
չյատկացնել
իր
ժամանակը։
Այլ
գործել,
այսինքն՝
նորոգել
թրքութիւնը։
Այլ՝
երկրին
ուժը
սպառող
ցեղերուն
վրայ
տարածել
ուշադրութիւն
եւ
դիւանագէտ
տնտեսութիւն։
Այսինքն՝
մօտենալ
կեավուրին,
անոր
շահը
նոր
ժամանակներու
օրէնքով
իւրացնելու
գիտութեամբ։
Նորոգել
թրքութիւնը,
այս
անգամ
նաեւ
ուղեղը։
Այս
քանի
մը
տարրական
գաղափարները
զինքը
ըրին
իր
ժամանակին
հետ,
որուն
նկարագիրը
տուին
սպաները
եւ
պաշտօնեաները,
քիչ-շատ
յառաջադէմ
ձգտումներով,
գէթ
արտաքին
ակնարկով։
Սուլթան
Համիտին
նորութիւնը
եղաւ
իր
նախորդներով
վարկաբեկ
կրօնաւորութիւնը
վերահաստատել
իր
ազդեցութեան
մէջ։
Օսման
պէյզատէ
Օսման
պէյը
խելք
ունէր
հասկնալու
պատգամը։
Անիկա
պիտի
չհրաժարէր
իր
պապերուն
փաթթոցէն,
բայց
պիտի
զեղ
չ
էր
անիկա
հաստ
պարոյրը,
աւելորդ
գօտին,
վերածելով
բարակ
ու
ճերմակ
երիզի
մը,
ֆէսին
շուրջը,
որ
ազգային
գդակ
էր
ալ,
ու
ճիւպէն
երկարելով
մինչեւ
կրունկները։
Այս
կարգադրութեամբ
կը
կոկուէր
այլանդակ
փորը,
իր
ցցունքին
մէջ
սեւով
սքողուն,
ու
զատելով
անոր
պատկառելի
անձը
միւսներուն
ցաւագար
երամէն,
հին՝
որքան
անոճ
իր
զգեստին
ու
խելքին
ալ
մէջը։
Մոլեռանդութիւնը
ապարժէք
բառ
է,
երբ
կը
կանչուի
որակելու
համար
այս
մտայնութիւնը,
այն
ատեն
սկիզբ,
հիմա
իր
լրումին
մէջ։
Ա՛լ
անիմա
ս
տ
այդ
բացատրութիւնը,
զոր
միսիոնարներն
անգամ
մոռցած
կը
թուին,
արտակարգ
նախագահը
կը
մերժէր
կատաղութեամբ,
իր
անձին
վրայ
հաշտեցնելով
ազատամտութիւն
եւ
պահպանողականութիւն,
ճիշդ
ինչպէս
կ’ընեն
հիմա
թուրք
օրաթերթերը
յեղափոխութիւնն
ու
ջարդարարութիւնը
զետեղելով
նոյն
լուսապսակին
մէջ,
ռուսերը
խաբելով
իբր
ազատութեան
համար
կռուի
պատրաստ,
իրենք
զիրենք՝
հազիւ
զսպելով
ափ
մը
քրիստոնեան
ալ
ջնջելու
իրենց
հաստատ
վճիռին
գործադրութենէն։
Արտակարգ
նախագահը
մարդ
ըլլալէ
աւելի՝
հոգեբանութիւն
է
այդ
ժողովուրդին
մէջ։
Անիկա,
ամէն
թուրքի
պէս,
ունէր
արտայայտումի
կարճ
ու
բուռն
եղանակ,
քաղաքական
հաստատ
հաշիւներ,
զօրաւոր
զգացումներ,
ախորժակներ,
ու
ասոնք
ծածկելու,
ոճաւորելու
թանձր
նենգութիւն։
Պրուսան
միայն
պատմութեան,
աւերակի,
բորբոսի
ու
մզկիթի
քաղաք
չէ,
ուր
դամբարաններ
ու
արաբատիպ
բաղնիքներ
գմբէթ
գմբէթի
կապեն,
հիացիկ
ակնարկներու
առջեւ։
Անիկա
թերեւս
առաջին
ճարտարարուեստակ
ա
ն
քաղաքն
էր
կայսրութեան։
Իմ
ատենիս
մետաքսի
մանարաններուն
թիւը
վաթսունը
կ’անցնէր,
գրեթէ
ամբողջութեամբ
քրիստոնեայ
վարչութեամբ։
Ու
անոր
նորակառոյց
թաղերուն
մէջ
եւրոպական
յատակագիծը
ճաշակ
կը
մատնէր։
Ոչ-թուրք
տարրին
տնտեսապէս
բարգաւաճ
պատկերը
միանալով
սա
քանի
մը
ցուցմունքներուն,
ստեղծած
է
շատ
կանուխէն
այժմեան
այլամերժ
ու
ազգայնական
ատելութիւնը,
թիփերու
եւ
մտայնութիւններու
ճոխ
բազմազանութեամբ
մը։
Ամբոխին
մատչելի,
շառաչուն
ու
ցայտուն
արարքներ
էֆգաֆի
ընդհանուր
տնօրէնը
կ’ընէին
ականաւոր,
չիսլամները
այդքան
գիտապէ
ս
ու
կատարեալ
ատելու
ուժգնութեամբ
մը։
Ասիկա
կապ
չունէր
Հայկական
Հարցով
ներարկուած
միւս
ժահրին
հետ,
որ
հասարակ
շահագործում
մըն
էր,
այլ՝
բացառիկ
մտածելակերպ
մը։
Այդ
ոգիին
բռնութեամբն
էր,
որ
անոր
տղաքը
չարտօնուեցան
նոյնիսկ
երկրորդական
ուսման
(որմէ
գոհ
ալ
չէր
իր
հաւատքը
անաղարտ
պահող
դասական
իւլէման
)
ու
կիսաւարտ
նետուեցան
դուրս
վարժարաններէն,
անասելի
ապականութեան
հեղեղ
մը
ընդքարշելով
իրենց
հետքերէն,
լողալով
մեղքին
ու
այպին
մէջ
ու
իրենց
հօրը
փառքով
շքաւորելով
այդ
գարշանքները։
Աւելի
վերջը,
անոնք
կը
կատարէին
իրենց
զինուորական
ծառայութիւնը,
խիստ
պայմաններու
եւ
դատական
ծեծին
ենթակայ,
հաստընալու
համար
մարմինէն՝
ինչպէս
հոգիէն։
Քաղաքային
մեղքերու
մէջ
անոնց
հասնող
այդ
հարկը
անողոք
էր
անոնց
զառածումներուն,
զինուորական
կեանքին
մէջ
ու
իր
ներկայութեան
կը
հրամայէր
պատիժը։
Այսպէս
յարդարուած,
մարձուած
ու
շրջանաւարտ՝
անոնք
կը
ձգուէին
իրենց
բնազդներուն
անվրէպ
վայրագութեան,
խմելով
ու
վատնելով
անհաշիւ
դրամ
ու
մարսելով
անասելի
ամօթանք,
բայց
օրական
առնուազն
զոյգ
մը
նամազով
փրկելով
առքը՝
ինչպէս
վարկը։
Անոնք
ազատօրէն
կը
ծեծէին
ով
որ
իրենց
հաճոյ
թուէր։
Կը
վիրաւորէին,
առանց
խորհելու։
Կրնային
սպաննել,
բայց
դրամին
օգնութեամբը
ու
վեհապետին
բարեւովը
բանտ
«այցելել
իսկ
չզիջանելով»,
ինչպէս
պատասխանած
էր
անոնցմէ
մէկը
ոստիկանապետին
փաղաքուշ
հրաւէրին,
պոռնիկ
մը,
փորձի
թէ
գրաւի
համար,
պորտէն
կռնակը
դաշոյնով
ծակելէն
ետքը։
Իրարու
հասնող
այդ
վեց
տղաքը
կազմեցին
հրոսախումբ
մը,
որ
միւսներուն
նման
գաղտնի
գործելու,
լեռ
բնակելու
տեղ
կ’ապրէին
սեփական
պալատներու
մէջ,
քառաձի
կառքերով,
չորս-չորս
սէիս
ով
անմատոյց
ոստիկաններու,
իրենց
զեխութեանց
ընկեր
ունենալով
բոլոր
կարեւոր
պաշտօնակալները։
Ասոնց
գործունէութիւնը
ուղղուած
մնաց
թուրք
կիներու
«ծաղկանոցին»,
զգուշանալով
քրիստոնեաներէն,
յարգելու
համար
վեհապետին
թաքուն
ցանկութիւնները։
«Ամէն
բան
իր
ատենին»։
Քաղաքը
բնակուած
էր
եւրոպացիներէ
ու
Ջերմուկներուն
համբաւը
անցած
Պոլիսէն։
Օսման
պէյին
տղաքը
ասպարէզ
մըն
են
այդ
հողին
վրայ,
կարելի՝
Համիտին
տաղանդովը։
Վեհապետին
անձնական,
«խաս»
բարեկամն
էր
անիկա։
Որ
այս
թիփէ
արարածները
հնարած,
զարգացուցած
ատեն
կը
հպատակէր
թերեւս
գաղտնախորհուրդ
գիտութեան
մը։
Անոր
աւագանի՞ն։
Այսինքն՝
անոնք,
զորս
գտած
էր
շինուած
ուրիշներէ։
Անիկա
զանոնք
խամաճիկներու
վերածելու
համար
չունեցաւ
դժուարութիւն։
Մատնութիւն
ու
աքսոր։
Իհսան
ու
պատուանշան
աշխատեցան
անոր
շուքին
«աստուածային»
(խալիֆային
սիրական
մէկ
վերադիրն
է
ատիկա)
բարութեան
ներքեւ։
Գիտենք
ճակատագիրը
զինքը
գահ
բերող
փաշաներուն։
Օրինակը
տպաւորիչ
էր։
Ու
ստեղծեց
իր
պէնտէ
ները,
ամէն
նահանգի
մէջ,
այս
գիծով
մարդերէ,
որոնք
իր
աչքը
կը
դառնային
կառավարական
մարմինին
վրայ
`
ազդելով
կուսակալներուն
վարչութեան
անգամ։
Ժուռնալճիներ
չէին
ասոնք,
ընդհանրապէս
ցաւագար
խմորէ,
անօթի
ու
նուաստ,
այլ՝
մեծ
հայթայթիչներ,
որոնց
պաշտօնն
էր
կայսերական
անձնապահ
գունդին
համար
հաւատարիմ
զինուորներ
ցոյց
տալ
ու
կանանոցին
համար
ալ
շքեղ
աղջիկներ։
Օսման
պէյզատէ
Օսման
պէյը
ունէր
փնտռուած
այս
առաքինութիւնները։
Աւելի՝
աշխարհ
մըն
ալ
մարդ
իրեն
ետեւէն։
Հայրենասէր,
ինչպէս
չեն
գիտեր
ըլլալ
հերոս
փաշաներն
անգամ,
որոնք
յաճախ
պարտուելու
մեղք
կը
գործեն
`
քաւելով
իրենց
զինուորներուն
եւ
վեհապետին
անփութութիւնը։
Յունօ-թուրք
(1897)
պատերազմին,
իր
ծախքովը
զգեստաւորելէ
եւ
պարէնաւորելէ
ետքը
իր
քաղաքին
զօրագունդերը,
չէր
ընկրկած
տարիքէն
ու
նուիրական
դր
օ
շ
մը
ուսին,
խօսքով,
առանց
տեղէն
շարժելու,
թռեր
էր
Յունաստան,
մինչեւ
Աթինա,
յունական
հողը
փոշի
ընելու
անհուն
ըղձանքով։
Հերո՞ս։
Անշո՛ւշտ։
Ո՛չ
միայն
իր
բախտէն՝
քանի
որ
յոյները
փախած
էին,
առանց
կռուելու,
այլեւ՝
իր
իսկ
ցեղին
ձայնովը։
Քիչ
ժողովուրդ
այդքան
անխառն
կրակով
կը
նետուի
կռուի։
Յաղթական
զինուորներուն
գլուխը,
որոնք
դիմաւորած
էր
նաւահանգիստէն,
անոր
դարձը
դէպի
քաղաք
պատմական
օր
է։
Չեմ
ծանրանար
իմ
տեսածներուս։
Գիտեմ
միայն,
թէ
այդ
թափօրը,
տասը
հազար
դրօշով,
որոնց
մէջ
Օսման
պէյինը
մութ
կարմիր
մեծ-մեծ
արատներ
ունէր,
չ’ելլեր
իմ
մտքէն,
այդ
մարդուն
անպատմելի
անասնութեամբը,
ակռաները
խածած,
երբ
կը
քշէր
ձին
գետնատարած
մայրերու
արցունքին
մէջէն,
Պոլիսը
գրաւող
յաղթականէն
աւելի
վեհափառ։
Դիւցազնական
այս
արարքները
անշուշտ
մինակնին
չեն
բաւեր,
որպէսզի
մարդեր
սուլթաններ
ունենան
իրենց
բարեկամ։
Անիկա
այս
առաքինութեանց
կցած
էր
քիչ
մը
տրտում,
բայց
ամբողջ
ազգին
այլապէս
սիրելի
միւս
գիտութիւնը։
Ով
որ
քրիստոնեան
կը
կեղեքէ,
անիկա
հարազատ
զաւակն
է
թուրք
հայրենիքին։
Ասիկա
ասութիւն
չէ,
այլ՝
քաղաքական
պատգամ,
զոր
թուրքերը
ստիպուեցան
հնարել,
իրենց
պարտութիւններուն
իբր
դեղթափ։
Այնպէս
որ,
բնական
բերումով
մը,
Օսման
պէյզատէ
Օսման
պէյը
շարժիչ
ուժը
եղաւ
Համիտէն
հնարուած
այն
մասնաժողովներուն,
որոնք
96էն
ետքը,
հայերու
հանգամանքները
կը
ստուգէին
`
Պոլիս
մուտքի
արտօնութիւնը
պատրուակ
առնելով։
Մտեր
էր
այդ
հնարմունքին
մէջ,
անձնական
խաս
բարեկամութեանը
սիրոյն
իր
փատիշահին։
Ու
նման
ասոր
կը
պահէր
ամուր,
մէկ
իր
անձին
վրայ,
զոյգ
իմաստները
կրօնքին
եւ
հայրենիքին
միադրուագ
խորհուրդին։
Այդ
քաղաքին
մէջ
անիկա
սիւնն
էր
թրքութեան,
իր
ձեռ
ք
ն
ունենալով
սոֆթաներուն,
մոլլաներուն,
էվլիա
ներուն
բազմազանակ
նուիրապետութիւնները։
Հովանաւորն
էր
բոլոր
թէքքէներուն,
պաշտպանը
բոլոր
մզկիթներուն,
որոնց
շինուածական,
նորոգողական
վարչութիւնը
քանի
մը
տարիէ
ի
վեր
մենաշնորհ
եղաւ
իր
պապերուն,
այսինքն՝
մեր
լեզուով՝
աղբի՛ւրը
իր
ներկայ
ապահովուած
հարստութեան։
Նոյն
ատեն
անուղղակի
եղանա՜կ՝
կաշառք
տալու
կամ
առնելու
Մ
ուհամմէտին
մեծ
հովանիէն
զրահուած,
այդ
մզկիթներուն
ծառայ
կրօնաւորները
գործածելով
ընդարձակ,
թշուառակ
ա
ն
զեղծումներու։
Ժողովրդականութիւնը
յաճախ
գինն
է
այս
կարգի
չարաշահութիւններու,
երբ
ուրիշներու
դրամովը
մեզի
բարեկամ
կը
վարձենք
կամ
ուրիշները
կը
գովենք
բառով,
մելանով,
ինչ
որ
համարժէք
կու
գայ
առակին
ձեւին։
Իր
ետին
ունէր
ան,
այս
ճամբով
ստացուած
տասը
հազարի
մօտ
ծառաներ,
այն
օրերու
բառով՝
նիյմէթտիտէ
ներ
(երախտաւորեալ)
բոլորն
ալ
ճիւպէ
եւ
փաթթոց։
Կ’արժէ
ծանրանալ
անոր
մօրուքին,
ուր
հին
օրերու
շէյ
խ
ի
մը
դաժան
բարկութիւնը
ոճաւոր
նորութեան
մը
հետ
գիտէր
հաշտուիլ,
երկարելու
տեղ
կորանալով,
խռուելու
տեղ
իրարու
հանգուցուելով,
մշտական
անդաճմունքի
պահերուն,
անոր
մատներէն
այդպէս
կաղապարուելով։
Հսկայական
էր
մարմինը
`
հալեցնելու
չափ
փորին
ուռեցքը
ընդհանուր
համաչափութեան
մը
մէջ։
Մարդերուն
արտաքինը,
վէպը
կ’օգտագործէ
որոշ
նպատակներու
համար։
Ըսի
այսքանը,
վասնզի
տեսեր
եմ
զինքը
հոյակապ
ամբոխավարութեանց
մէջ,
թանկ
դրօշներու
ձողերը
առած
Մեքքէի
եւ
Շամի
Շ
էրիֆի
մետաքսէն
ապարօշներ
քարշ
եկած
մէջքին
զոյգ
թափերէն,
կը
քալէր
պայծառ,
քրտնողող,
վսեմ
լրբութեամբը
անասունին,
թափօրներու
առջեւէն
մարմնաւորելով
ահն
ու
փառքը
իսլամին,
որ
այդ
քաղաք
ի
ն
մէջ
կը
պահէր
արաբական
սկզբնածագ
պատկառանքը։
Կարծես
Գանունի
Սիւլէյմանիի
օրերէն
ասդին
բան
չըլլար
փոխուած
այդ
նահանգին
մէջ։
Զարհուրելի
առաքեալ
տինը
Մուհամմէտին
(Մուհամմէտին
հաւատքը),
արդարացնելով՝
եօթնաստեղ
կարանով
իր
ծիրանեփայլ
վերարկուն,
զոր
աւանդութիւն
մը
մինչեւ
Օսման
Առաջին
թագաւորը
կը
հեռացնէր։
Գիրքի
կամ
վէպի
հերոս
չէ
ասիկա։
Իմ
տղայութեանս
անոնք
տասը
չէ,
քսան
չէ,
հարիւր
էին,
հինգ
հարիւր
էին,
կրնամ
ըսել՝
հազար,
Գահակալութեան
կամ
Ծննդեան
տարեդարձներուն,
երբ
չորսական
գիծով
կը
գրաւէին
Պրուսայի
միջնամա
ս
ը։
Ուլու
ճամիէն
մինչեւ
թաղապետութիւն,
բոլոր
անցքերը
միակտուր
սեւ
արձաններու
հեղեղով
մը
ողողելով,
արձաններ,
գլուխնին
կարմիր,
զոր
ճերմակ
երիզը
կ’օղակէր։
Տար
ա
զը
կու
գար
Օսման
պէյէն։
Նոր
կարգերը
արհամարհելու
իր
ոճին
մէջ
անիկա
կը
զատուէր
հին-գլուխ
շէյխերէն,
գիտական
ու
արդիական
հայրենասիրութեան
վարկածով
մը,
որ
երկրին
վարչութեան
մէջ
լայն
մուտք
տուաւ
կրօնական
տարրին։
Սուլթան
Համիտի
բռնակալութեան
մեծ
ազդակներէն
մէկը
շահագործումն
է
այդ
դասակարգին,
որ
մա՛նաւանդ
Պոլսոյ
մէջ
չէզոքացուեցաւ
երկրին
վարչութենէն,
կանխող
ռէժիմին
Արեւմուտք
հակած
մտայնութեան
պատճառով։
Եւրոպա
կրթուած
մեծ
վէզիրնե՛րը։
Որոն
ք
երկրին
քմահաճ
արդարութիւնը
տարազել
ջանացին
եւրոպական
օրէնքներու
զրահանքին
մէջ։
…Օսման
պէյզատէ
Օսման
պէյը
շահ
ունէր
մոռնալու,
ու
մոռցաւ
ալ
նախատինքը,
որով
զարնուած
էր
իր
գերդաստանը,
մեծ-հօրը
վրայով,
զոր
կախեր
էին
այդ
վէզիրները,
այսինքն՝
անոնց
օրէնքները,
իր
իսկ
քրտինքո՜վը
կառուցուած
գեղեցիկ
մզկիթի
մը
մեծադիր
հրապարակին։
Սուլթան
Համիտով
անիկա
հաշտուեցաւ
արքայական
գերդաստանին։
Տէր
ու
տիրական՝
քաղաքին
ամբողջ
ոճրաստանին,
ուր
կը
թագաւորէին
իր
տղաքը,
շուայտ,
վեհափառ
անբարոյութեամբ
մը
պատուելով
իր
բարեգործութիւնները
`
ստեղծելով
աներեւակայելի
գռեհկութիւն,
բայց
պատրաստ
պահելով
իրեն
կոչին
ամէնէն
անարգ
տարրերը
ոճիրին,
աղտոտ,
հիւանդ,
քանի
մը
հեղ
մարդասպան,
որոնք
բարեւի
մը
փոխարէն
կը
յօժարին
մորթել
ուզուած
աղջիկը
կամ
աւագ
փաշան։
Ասոնք
բարքերու
մաս
կը
կազմէին
այդ
երկրին
մէջ։
Ու
տակաւ
ի
ն
քիչ
չափով
փոխուած
են։
Թուրքիան
ան
երկիրն
է,
ուր
մերկասրուն
յիմար
մը
մինչեւ
եպարք
ո
սութիւն
ճամբայ
կը
կտրէ։
Հարցուցէք
դուք
ձեզի.
անուննե՞րը
Թուրքիոյ
մօտիկ
տէրերուն։
Ու
պիտի
քիչ
գտնէք
այս
տողերը։
Օսման
պէյերը՝
տէր
ու
տիրական,
քաղաքային
վարչութեան,
օրինաւոր
կառավարութեան
ալ
մէջ,
ուր
կուսակալները
ենթարկուած
էին
իր
խնամարկութեան,
սէրայը
հիւմայունին
գաղտ
կարգադրութեամբը։
Հարիւրով
էջի
պէտք
կայ
սպառնալու
համար
ցուցադրումը
անոր
խաւարակուռ
տաղանդին։
…Այս
ահաւոր,
խստապարանոց
ենիչէրիներու
յապաղած
գոռելը,
զոր
Համիտը
կը
շնորհաւորէր
պայրամներուն
եւ
տարեդարձներուն,
բացառիկ
հեռագրով,
պատասխանելու
համար
անոր
թելէկրաֆ
ներուն,
ընդարձակ
յօդուածներ
խմբագրուած
այն
օրերու
ահաւոր
ոճով,
փառաբանական
ու
խուդպէ
ական
։
Որ,
Ջարդերէն
ետքը,
հայոց
թաղերէն
կ’անցնէր
քալելով,
շատ
դանդաղ,
աչքը
պատուհաններուն,
ծուէն-ծուէն
իր
աչքէն
արտածորելու
համար
թոյնը
իր
թրքութեան,
ետին
ձգած
ուրիշ
խումբ
մը,
իրմէն
խորանարդ
առաւել
վայրագութեամբ,
որոնց
գլխաւորը
եղեռնահամբաւ
շէյխ
մըն
էր,
Անատոլուի
ներսերէն,
նոր
հասած
Պրուսա,
կեավուր
ջարդելու
իր
առաքելութիւնը
բարձրաղաղակ
բարբառելով։
Անունը՝
շէյխ
Սապիթ։
Դեռ
սա
տողերը
գրած
պահուս,
աչքիս
առջեւն
է
անոր
դէմքը,
կանանչ
սարսա՛փ,
երբ
կը
կենար
մեզ
դիտելու,
դպրոցէն
արձակուրդին,
ակռաները
կճրտելով,
սիրտին
եղերէն
հալելով՝
մեզ
հում-հում
բզկտել
եւ
ուտել
չկրնալուն,
մեր
ոտքերուն
կոխած
հողը
մեզի
հա
ր
ա
մ
յայտարարելով…։
Մենք
կը
տեսնենք
քիչ
վերջ
այս
մարդը
աւելի
առատ։
Էֆգաֆին
ամենազօր
տնօրէնը,
այս
ամէնէն
դուրս,
կը
ծառայէր
իր
հայրենիքին
`
քաջալերելով
բոլոր
գեղաձայն
միւէզզին
ները,
այս
իր
մենագարութեան
մէջ
հերքելու
չափ
իր
հեքիաթը,
ներելով
իր
ոտքերուն
առաջանալ
մինչեւ
քրիստոնեայ
եկեղեցիները
`
անոնց
արարողութեան
թախծոտ
հրապոյրը
խորապէս
գնահատելով։
Ըսի,
թէ
իր
հովանաւորեալներն
էին
դարձող
տէրվիշները,
որոնց
պաշտամունքին,
այսինքն՝
որդնահար
ու
գեղաոլոր
մեղեդիներուն
համ
ը
զինքը
կը
յուզէր
լացնելու
չափ։
Այս
գիծով
անիկա
մտերիմ
բարեկամ
Գերմանիա
ըրած,
այսինքն՝
քիչ
մը
կեավուրցած
քոմանտան
փաշային։
Այս
բարեկամութիւնն
էր,
որ
հանդուրժելի
կ’ընէր
իր
աչքին
անոր
կինն
ու
աղջիկները,
առանց
ծածկոյթի
երեւնալուն
հսկայ
սրբապղծութիւնն
անգամ։
Այս
գիծով՝
անիկա
կը
հանդուրժէր
հայոց
առաջնորդ
վարդապետը,
որուն
եղանակները
համակ
Արեւելք
էին։
Կա՞յ
այս
ամէնուն
տակ
նաեւ
դիւանագիտութիւնը
իր
վեհապետին,
զոր
մեր
ատելութեան
մէջ
ուրացանք
ատենին
`
զայն
ներկելով
ածականներով,
ու
մոռնալով
նոյն
եռանդին
մէջ
մեր
խեղճութիւնը…
-Մելիք
օղլու
Մա…տէո՜ւս։
Հարցաքննիչ
էֆէնտին
խոր
հեշտանքով
մը
կ’արտաբերէր
այս
նախատալից
բառը,
երբ
խաթարուած
անուանումը
կ’ընէր
ի
ներկայութեան
դիւանի
արարածներուն,
տխուր
ու
անասնաբարոյ
ոստիկաններուն,
ինչպէս
եւ
պատուանշանով
պսակաւոր
փաշաներու
երեսին,
ձայնը
շարունակելով
թեթեւ
քմծիծաղի
մը
ձեւով։
Ըսի,
թէ
ամէն
թուրք,
գռեհկութեան
բաւիղներէն,
կը
դառնայ
դիւրաւ
իր
ստորնացող
բնազդներուն։
Չկայ
թուրք
մը,
որ
ամչնայ
բառերուն
ամօթէն։
Հայհոյութիւնը,
ու
անոր
մէջ
մասնակի
երանգը,
անոնց
բարքերուն
մաս
չի
կազմեր
միայն։
Այլեւ
պահանջ
մըն
է,
ազգային
եւ
աննահանջ։
Անոնք
պզտիկներու
ներկայութեան
չեն
վարան
ի
ր
արտասանել
բառեր,
որոնց
լրբութիւնը
տարիքով
չէ,
որ
չափեցին։
Տէուս
բառով
պայմանաւոր
հեգնութիւնը։
Զոր
մարսեցին
Գերմանիա
ըրած
երկու
աւագ
պաշտօնատարները։
Որ
զովացուց
մեծախռով
փորը
էֆգաֆի
պղտոր
ու
վատահամբաւ
տնօրէնին։
Բայց
ամէն
անգամուան
պէս,
Մատթէոս
Մելիքխանեանցը,
փաղաքուշօրէն՝
մեր
ընկեր
Մաթիկը,
հանեց
իր
մէջէն
«ճաթեցնող»
իր
լռութիւնը,
որուն
համբաւը
կու
գար
գիւղաքաղաքէն։
Բանտը
ամբողջ
կը
խօսէր
փոքրաքանակ
հայուն
այս
մեծականգուն,
որքան
անըմբռնելի
յամառութեան
վրայ։
Ո՞ւր
կը
դնէր
հարուածները,
փայտն
ու
երկաթը,
որոնք
կ’աշխատէին
իր
վրայ։
Ո՛չ
հայհոյանքը,
ո՛չ
մեղմ
կեղծիքը
կամ
խոստումները
ունեցեր
էին
ուժ
անոր
բերնէն
կղպանքը
քակելու։
Ու
կ’ուտէր
ծեծը։
Ու
քանի՛
ուտէր,
ա՛յնքան
կը
պզտիկնար
իր
բերանը,
ճիչէ
անգամ
զգուշաւոր։
Իբր
թէ
բոլորովին
ուրիշ
մէկու
մը
ըլլար
ուղղուած
միւսթանթիգ
էֆէնտիին
այդ
բացագանչական
հրաւէրը,
որով
դատարաններու
դուռէն
մունետիկը,
ներս
կանչելու
ատեն,
մարդերը
ձայնի
կը
վերածէ՝
անիկա,
սրբազան
այլուրութեամբ
մը
կը
շարունակէր
դիտել
մատենադարանը։
Դէմք
ու
կեցուածք
խորապէս
զայրացուցիչ
էին,
բխող՝
անոր
ճճի
հասակէն։
Ժողովականները
–
դատելը՝
ձանձրանալուն
վ
ճարուած
ձեւն
է
թուրքերուն
ու
թերեւս
բոլոր
ժողովուրդներուն
մէջ,
կեղծծամի
շարլաթանութեան
նախավայելքէ
մը
ետք
–
միւսթանթիգին
այդ
կանչով
իջան
իրենց
վարժութիւններուն։
Ամէն
դատաւոր
անիրաւ
է
ու
անխելք,
շատ
մը
բաներ
ըլլալէ
առաջ։
Թուրք
դատաւորը՝
անհաւասարելի։
Երբ՝
հոս
ներկայացուածին
նման,
կանխապատրաստ
վճիռ
ունի,
լսելէն
առաջ,
զոհերուն
մասին։
Ձայնէն
յետոյ,
սպասում։
Այսինքն՝
քարտուղարէն
ընթերցում։
Այսինքն՝
յօրանջումին
առաջին
աքցանները։
Ամէն
ժողովական
այդ
պահերը
կ’օգտագործէ,
կարելի
եղածին
չափ
քիչ
ձանձրանալու։
Առաջին
պայման,
հեռացումն
է,
բացարձակ
սակայն,
քարտուղարին
կարդացածէն,
հարցաքննութեան
գնացքէն,
վկաներէն,
երդումէն
ու
բոլոր
քլիշէ
արարմունքներէն,
որոնք
դատական
կատակերգութիւնը
կը
հանդերձեն
ամէն
երկրի
մէջ։
Յետոյ՝
քո՜ւնը,
բայց
պատշաճ
ծպտումով,
մատները
տեղաւորած
աչքերուն
գիծին,
ցուցամատը
դէպի
ճակատը
լարած,
մտածում
թելադրող
պատրանքի
մը
համար։
Յետոյ՝
միտքը
ձգել
անյայտ,
ապուշ
բաներու
ետեւէն։
Կամ
կարդալ
կեղծել
`
հաշուելով
կաշառքը,
անոր
գործածութիւնը,
հաճոյքները,
որոնք
կապուած
են
այդ
պատահարին,
վրէժը,
ու
տակաւին
հարիւրով
փոքրութիւնները։
-
Հի՜շտ,
քեզի
կ’ըսեմ։
Գիտէք
եռանդը
հարցաքննիչ
դատաւորին։
Քիչ
անգամ
պաշտօնի
մը
ծիծաղելիութիւնը
այդքան
յոխորտութեամբ
կը
զգեստաւորուի։
Ամէն
դատաւոր
այդ
անկիւնէն
կը
նայի
աշխարհին
ու
շնա
ց
ող
այրերը
դատապարտելու
ատեն
խաբուած
ամուսինի
իր
վրէժը
կը
լուծէ
հազար
օտարէն,
անյագ
ատելութեամբ։
Դրէք
այս
դասակարգին
մէջ
տակաւ
ի
ն
թրքութիւնը,
այսինքն՝
ամէն
գնով
իրաւունքին
տիրապետումը։
Դրէք
տակաւին
բացառիկ
ալ
պայմաններ,
հոս
գրուածին
նման
քոմիթայի
հսկայ
հանգոյց
մը։
Գիտէք
նաեւ
Պոլիսէն
ժամանած
հազարապետ
փաշան,
երիտասարդ,
համե
ս
տ,
դիւրամատոյց,
պալատին
մէջ
ուժով
կապերով։
Որ
կրնայ
ձեր
եռանդը
նշմարել,
գնահատել
ձեր
կարողութիւնները,
առնուազն
քսանհիգն
տարուան
միապաղաղ
ու
անձնուէր
աշխատանքը
`
դրուած
ի
սպաս
մարդոց
բարօրութեան,
ոճիրին
պատուհասումին։
Ու
տեսէք
իր
աթոռին
վրայ
անոր
եփիլը,
անհամբեր
կուլ
տալը
իր
բարկութիւնը,
յօնքն
ու
քիթը
զայրոյթի
հանելը։
Մաթիկը
նայեցաւ
ձայնին։
Յետոյ,
հանդարտ,
իբր
թէ
ոչինչ
ըլլար
լսած,
շրջեց
իր
նայուածքին
գիծը,
նախորդ
սեւեռումին,
կաշեպատ
մեծ
բառարաններու
սերիի
մը։
-Հիշտ։
Միւսթանթիգ
էֆէնտին
ոտք
էր
նետուած։
Դող
ու
տաքութիւն։
Անոր
դէմքէն
կրակ
կը
ցայտէր.
-Աս
ի՜նչ
լրբութիւն
է։
Ու
անոր
ձայնին
մէջ
կար
խորունկ
այն
եռքը,
զոր
ուժը
զսպելու
դժուարութիւնը
կը
ստեղծէ
տկարին
անհասկնալի
ամրութեան
առջեւ։
Ուրիշներուն
լռութիւնը
արհամարհանք
կ’ընդունինք
`
առանց
խորհելու
ինչո՛ւն։
-Հանդարտ,
միւսթանթիգ
էֆէնտի…
Հազարապետ
փաշան
էր,
աչքերը
թուղթէ
մը
վերցնելով։
Կամացուկ
ու
քաղցր։
Այդ
ձայնը
հաշտ
էր
անոր
դէմքին,
որմէ
տիրական
տպաւորութիւն
էր
այդ
մեղմութիւնը։
-Փաշա
հազրէթլերի…
-Միշտ
հանդարտ,
միւսթանթիգ
էֆէնտի։
-Դուք
ծառայականէս
շատ
լաւ
կը
ճանչնաք
այդ
գազանները,
անասունները,
հայվան
ները։
-Միշտ
հանդարտ։
Ճիւպ
է
ով
նախագահը
ե՞րբ
ելած
էր
ոտքի։
Հսկայ
անոր
մարմինը
կը
դողար,
ինչպէս
կը
գուշակուէր
ատիկա
փորձով՝
քիչիկ
մը
լարուած
վերարկուին
ծփանքէն
սրունքներէն
վար։
Զայրագնա՛ծ։
Ե՜րբ
չէր
այդ
բանը
անիկա,
հայու
շունչին
մէջ։
Անոր
այս
խռովքը
ծանօթ
էր
իր
շրջանակին։
Հազարապետ
փաշան
կը
զարմանար
այս
դիւրին
գրգռումէն։
Յայտնի
էր,
որ
այս
քաղաքին
մէջ
դեռ
բարքերը
կը
պահէին
նախնական
խստութիւնը,
անդարձ
կորսուած՝
մայրաքաղաքին
մէջ։
-Նախագահ
պէյ…
Դուռը
բացուեցաւ
ու
ոստիկան
մը
թուղթ
մը
երկարեց
միւսթանթիգին,
որ,
հասցէն
աչքէ
անցընելով՝
մօտեցաւ
երկի
ւ
ղած,
նախագահին։
Նախագահը
դողահար
մատներով
փրցուց
պահարանը,
կարդաց
քիթովը,
այնքան
անոր
ռունգերը
կը
բացուէին
լայն
`
կշռոյթ
մը
կազմելով
ընթերցումին
հետ։
Հանեց
մէջքէն
մեծակերտ
կնիքը
ու,
շունչով
խոնաւցնելով
անո
ր
փոքրիկ
սկաւառակը՝
փակցուց
էջին
յատակին։
Այս
արարողութիւնը
չմեղմացուց
անոր
յուզումը,
վասնզի
մեծ
թափառող,
միշտ
ոտքի
վրայ,
միշտ
բաց
օդին
–
անոր
օրերը
կ’անցնէին
մէկ
գեղէն
միւսը,
մէկ
մզկիթէն
միւսը,
քալելով,
մարսելու
համար
ահագին
մթերքը
միսին,
զոր
կը
նետէր
իր
տակառի
պէս
լարուած
ստամոքսին
–,
անիկա
կը
նեղուէր
գիրքերու
հոտէն,
անոնց
հանդէպ
բացառիկ
զգայնոտութեամբ
մը.
ու
այսպէս
գոհ՝
սրահներուն
ծանր
ու
խառնակ
մթնոլորտէն։
Ելած
էր
ոտքի
այդ
անհանգիստ
տրամադրութեամբ։
Բիրտ,
վայրագ,
անկարող
դոյզն
ընդդիմութիւն
հանդուրժելու՝
անիկա,
բան
մը
ընելու
համար,
յառաջացաւ
դէպի
Մաթիկը։
Փակ
ատեաններու
մէջ,
որպիսին
էր
աս,
թուրքեր
ը
տնավարի
են
եւ
ամբողջ։
Այսինքն՝
իրար
կը
ծեծեն,
կը
վիրաւորեն,
կը
սպան
ն
են
նոյնիսկ
հանդիպած
զէնքով։
-
Ուլան
քէլպ
օղլու
քէլպ
։
Ու
անոր
թաթը
հնչեց,
մեծաշառաչ
ու
արձագանգող,
ա՛յնքան՝
որ
ապակիները
դողացին
դարաններէն։
Հանդարտ,
Մաթիկը
չափեց
մարդը
ու
աւելցուց.
-Ասիկա
գիտենք։
Նո՞րը։
Բայց
անոր
աջ
կզակը
բառերը
ծուռ
հանեց,
վասնզի
հարուածին
ազդեցութիւնը
կ’այրէր
անոր
երեսին
այդ
կողմը։
Երկրորդ
թաթ
մը,
այս
անգամ
գլխուն,
զայն
տապալեց
գետին։
Մաթիկը
չէր
նուաղած։
-Կատուի
հոգի
է
անոնցը,
պէյ
էֆէնտի,
-
շշնջաց,
լսելի
ու
կատղած,
ինքզինքը
ուտող
միւսթանթիգը։
Ժողովականներէն
ոչ
ոք
շարժեցաւ
տեղէն։
Մաթիկին
ընկերը
ծռեցաւ
ինկողին
վրայ
`
առանց
հաշուելու
հետեւանքը
իր
արարքին։
Անոր
կռնակին
հասցուած
նոյնքան
հսկայ
աքացի
մը
զայն
դիզեց
Մաթիկին
վրայ։
Ու
շղթաներու
կապին
մէջ
երկու
հայերը
մնացին
անշարժ։
Տարօրինակ
էր,
որ
էֆգաֆի
հայրենասէր
տնօրէնը
կանգ
առնէր
անոնց
վերեւ,
իր
թաթերէն
ու
ոտքերէն։
Զայն
դիտող
մը,
թուրք
չըլլալու
պարագային,
պիտի
չկրնար
հասկնալ
ուժգնութիւնը
անոր
զայրոյթին,
քանի
որ
ինքզինքը
ինկողներուն
վրայ
չարձակելու
համար
կը
ծամէր
ակռաները։
Ու
անոր
կզակներուն
ծխնիները,
իրենց
գալարքին
մէջ,
կը
փոսեցնէին
անոր
միսերը,
ականջին
մօտերէն։
…
Ոտքի
ելլելէ
յետոյ,
Մաթիկ
Մելիքխանեանցը,
ատամնաբուժական
ուսանող,
ռուս
առաջաւոր
շրջաններու
այլասէր
իտէալիզմովը
կազմուած
ու
իր
ցեղին
մեծ
բարութեամբը
թրթռուն,
անգամ
մըն
ալ
չափեց
սա
գազանութիւնը
`
առանց
արցունքի։
Սովորութիւնն
էր
չհարցնել
ծեծին
պատճառը,
չբողոքել։
Արիւն
կը
կաթէր
քիթէն
ու
մէկ-մէկ
երեսը
ուռած
էր
բոլորովին։
Ճ
իղճ
անոր
մարմինը
կը
տառապէր
ցաւէն
աւելի,
տարերային
իր
նուաստացումին
մէջ
սա
բարբարոս
ու
նոյնքան
տարերային
ամենազօրութեան
առջեւ։
Բանտը
այս
հակապատկերները
կը
հեղիւսէ
մեր
ներսը,
մեր
զարգացումը,
հոգեկան
մեծութիւնը
եւ
տաղանդն
ու
առաքինութիւնները
հերքելով
ու
նախատելով։
Անիկա
մարդը
ստորնացնող
ամէնէն
մեծ
հաստատութիւնն
է։
Դուռը
բացուեցաւ
կրկին։
Ու
ատեն
էր,
վասնզի
շարունակուող
լռութիւնը
կրնար
զառածիլ
դէպի
բաց
ոճիրը,
որուն
կարիքը
չկար,
քանի
որ
հայուն
դիակը
անարժան
էր
այդ
սրահին։
Նման
հարուած
մը
Մաթիկին
գանկին,
ու
անոր
խեղճ
ուղեղը
կը
թափէր
գետին։
Ներս
մտնո՞ղը։
-Կոկիկ
էֆէնտի
մը։
Ֆէսին
գոյնն
ու
կաղապարը,
լրջախոհ
վերարկուն,
որուն
մութ
կերպասը,
թեթեւ
մը
գունատ՝
վասնզի
մաշած,
մելան
ու
դիւան
կը
հոտէր,
զայն
կը
նմանցնէին
պետական
պաշտօնեաներու
շատ
ընթացիկ
տիպարին,
միջին
ատելութեամբ,
թեթեւ
թրքութեամբ.
պոթին
քալոշ
ոտքերուն,
առաջին
իսկ
ցուրտերէն
շալի
թանկ
կտոր
մը
վիզերնին,
որոնք
կը
խմեն
հոռմի
քահանաներէն
աւելի
ու
կ’ուտեն
հայ
եպիսկոպոսներուն
պէս։
Մարդեր՝
մաշած,
ցերեկեայ,
մա՛նաւանդ
գիշերային
աշխատանքէն,
շատ
կանուխկեկ
սպառելով
իրենց
ողնուղեղէն,
զոր
քանի
մը
թարմատի
կիներ
կը
ծծեն
ագահութեամբ։
Թո՞ւրք։
Կը
գիտնանք
ատ
ալ։
Ատկէ
առաջ,
անոնք
քաջարի
բանուորներ
էին
դիւաններու,
սեւ
փողկապներով
–
փոքր
հանգոյց
անոնց
օձիքին
ճարմանդուած
–
ու
միշտ
պղտոր
մանշէթ
ներով,
հակառակ
հանըմներու
մինինիկ
մատներու
օսլային
եւ
արդուկին։
Կոկիկ
էֆէնտին։
Որուն
դէմքին
վրայ
միսերուն
պառկուածքը
զայն
կ’ընէր
վաւերական
թուրք
մը։
Հանդիպելի
էին
այս
գիծով
մարդիկ,
ծագումէն
հայ,
բայց
կրթութեամբ
եւ
պաշտօնով
թուրք,
աս
ու
ան
գազային
մէկ
անկիւնը
մոռցուած
քարտուղար
կամ
դատաւոր
ու
բժիշկ,
որոնք
իրենց
շրջանակին
ո՛չ
միայն
տարազը,
մտայնութիւնը,
այլեւ
մարմինին
կառոյցն
ալ
իւրացուցած
կ’ըլլան
քառորդ
դարու
յաճախումի
մը
վերջը։
Ա՛յնքան՝
որ
այլեւս
չեն
զանազանուիր
ընդհանուրի
մէջէն։
Ֆէսը,
այսինքն՝
անոր
լուրջ
ու
հաստատ
հանգիստը,
ճակտի
որոշ
ծիրի
մը
վրայ։
Բարեւելու
ատեն
աջ
ձեռքին
լայն
ու
թրթռագին
աղեղը,
կռնակին
կ
իսահակ
միւս
աղեղովը
լուսաւորուած։
Շարժումին
ընկերացող
բառերուն
հնչականութիւնն
ու
վայելուչ
կեղծիքը։
Կարծես
դպրոց
մը
ունէր
գոյութիւն,
ուր
այս
ամէնը
խնամքով
կը
սորվեցուէին
պաշտօնեաներուն,
դիւանէ
դիւան։
Բայց
այդ
ամէնէն
աւելի,
գութ
հրաւիրող
կորութիւն
մը
նայուածքի
ու,
մա՛նաւանդ՝
ձայնը
զայն
կ’ընէին
բացառիկ
էֆէնտի
մը,
երկդիմի,
պղտոր,
անկնիք։
Վրան՝
այն
տեսակ
մը
զգուշաւորութիւնը,
սմսեղուկ
հովը,
որմէ
գոլաւոր
կը
պտըտին
մութ
արհեստներու
ասպետները։
Լրտեսութիւնը,
այդ
օրերուն,
հակառակ
բարգաւաճ
ասպարէզ
մը
ըլլալուն,
հայերուն
վրայ
գարշ
ու
խարանուած
բան
մը
կը
դնէր։
Հոյակապ
մարմնախաղով
մը,
որուն
կատարելութիւնը
չվրիպեցաւ
ժողովականներէն
ու
Մաթիկէն
(որ
յետոյ
Կեսարիոյ
մէջ
պետական
վարժարանի
հայ
ուսուցիչ
մը,
ճիշդ
ու
ճիշդ
կրկնող
սա
արարածը
եւ
որ
պաշտօնական
լրտեսն
էր
միւթասարըֆին),
կարմրելու
չափ
սաստիկ,
գունատ
իր
դէմքէն,
ծռելով
գետին՝
անիկա
բարեւեց
նախագահ
պէյը,
որ
բացուեր
էր
քիչիկ
մը
դէպի
աթոռը,
ու
ժողովականները,
յարգանքէ,
պատկառանքէ,
յուզումէ
թրթռուն,
ու՝
նուրբ,
գեղեցիկ,
վայելցնելով
այդ
ամէնը
աւելի
հարազատ,
քան
եօթը
պորտէ
թուրքը։
Անոր
տժգոյն
մօրուքը
սիկարի
մուխով
դեղնաւոր,
սանտրի
ամէնօրեայ
արդուկին
ներքեւ,
կը
նպաստէր
անոր
դէմքին
թիփիկ
թրքութեան,
ուր
Գուրան
ի
համարները
մտովի
հեգող
մարդոց
մօտ
կը
դիտուի,
ամէն
մէկ
համարը
մօրուքի
մէկ
փունջին
շոյանքով։
Նախագահ
պէյը,
քիչիկ
մը
բարձրէն,
փոխարինեց
այս
բարեւը։
Պէտք
ունէր
ուշադրութեան
շրջումի
մը։
Այս
միջամտութիւնը
չէզոքացուց
անոր
մէջ
զայրոյթին
խուժումը,
թաթառաձեւ,
դէպի
անոր
ուղեղը։
Քառսունէն
վեր
գէրերը
ենթակայ
են
այս
յարձակումներուն,
սեփական
արիւնէն։
Եղաւ
թեթեւ
թուլացում
բոլորին
ալ
վրայ։
Սուլթան
Համիտին
բարեկամ
պէյը,
իր
մեծ
զբաղումներուն
մէջ
ատեն
էր
ճարեր,
հայերով
ըլլալու,
բացայայտ
իր
խօսքերուն
մէջ
զանոնք
ատել
իսկ
չզիջանելուն
հակառակ։
Ու
այս
ժամավաճառութիւնը
քաւել
կու
տար
անոնց,
բացառիկ
անաստուածութեամբ
մը,
մերժելով
ի
յառաջագունէ
հայերու
կողմէ
ամէն
խնդրանք,
որ
Ստուգիչ
յանձնաժողովին
խողովակովը
կը
ներկայանար
իր
նկատառման։
Անիկա
անկարելի
հռչակեց
Պոլիս
մուտքը
յիսունէն
վար
բոլոր
հայերուն։
Իր
վեհապետին
անձը
պաշտպանելու
այս
շրջառիկ
եղանակը
նոյն
ատեն
աղբիւր
էր
հասոյթի
քաջարի
պաշտօնեաներուն,
ամիսներով
թոշակի
փոխան
խոստում
միայն
գանձող։
-Ուշացաք,
Սուքիաս
էֆէնտի։
Կարճ,
կտրուկ,
կարմիր
ու
թուրք։
Զայն
լսող
մը
ինքզինքը
պիտի
զգար
շատ
տեղեր,
բայց
ոչ՝
սա
գեղեցիկ
սրահին
մէջ,
գիրքերուն
քաղցր
նայուածքին
ներքեւ։
Կարճ,
կտրուկ,
կարմիր
ու
թուրք։
Կէս
դար
առաջ
սկսող
յեղաշրջումը,
կեդրոն
ունենալով
Պոլիսը,
հարկաւ
բան
էր
փոխած
թուրքերուն
վարչութեան
մէջը։
Գոնէ
մեծ
փաթթոցները
թեթեւցեր
էին,
եւ
համազգեստը
պարտաւորիչ՝
կարգ
մը
դիւանի
ծառաներուն։
Բայց
հոգի՞ն։
Երկու
դար
առաջ,
սա
ժողովին
փառահեղ
նախագահը
կատարեալ
ու
գեղե
ց
իկ
ամբողջութիւն
մըն
էր,
այսինքն՝
հարազատ
թրքութիւն
մը,
միակտուր
ու
ճակատագրական,
որ
իր
ատելութեանց
մէջ
բարգաւաճ
ու
բացարձակ,
չէր
խորհեր
ներսէն
տառապանքներու,
արդիւնք՝
իր
տիրակալութեան
դէմ
սահմանի
փորձերու։
Ու
այս
մարդուն
այսպէս
սպառազէն
պէյութեան
դիմաց
սա
Մա…տէուսներու
պապերը՝
դարձեալ
իրականութիւն,
այսինքն՝
հասարակ
գերիներ,
միակտուր
ու
ողորմելի։
Զանոնք
սոխի
պէս
մանրելը,
մեծ
կտորը
ականջնին
ձգելով,
գործ
մըն
էր,
որուն
համար
Արեւմուտքը
իրար
անցընելէ
հեռու,
քիչիկ
մը
երախտապարտ
ալ
էր,
վասնզի
աղանդաւորներու
թիւը
անուղղակի
պակսած
կ’ըլլար
երկրի
երեսէն,
ինչ
որ
քիչ
շահ
մը
չէր
այդ
բաներով
ալ
մտահոգ
անոնց
վարիչներուն։
…Ո՜վ
ժամանակներ։
Օսման
պէյզատէ
Օսման
պէյը
ինչու
այսպէս
տրտմելով
մտածէր
սա
օրերուն,
երբ
այնքան
ուրիշներէ
ետքը
հայն
ալ
կեավուր
կ’ըլլար
ոտքի
ելլելով
։
Եւ
որո՜ւ
դէմ։
Այս
մտածումին
դառնութիւնը
ամբողջ
սերունդի
մը
օրակարգը
եղաւ։
Ջարդերը
զովացում
բերին,
բայց
ոչ՝
խաղաղեցում։
915ը
պիտի
դարմանէր
թուրքերուն
այդ
վրդովումը։
900ին
անոնք
կ’ափսոսային
իրենց
դարը։
Որքան
ուշ
աշխարհը
ղրկուած
սա
Օսման
պէյը։
Կարճ,
կտրուկ,
կարմիր,
անոր
ձայնը
ծեծեց
սրահին
տժգոյն
լռութիւնը։
-Հասկցուցէք
սա
անասուններուն…
Հաճո՜յքը՝
մարդերը
այդքան
դիւրաւ
անբան
ընելու։
-Ինչո՞ւ
ուշացաք։
Յանդիմանական
գրեթէ։
-Ձեր
բարձր
ներողամտութիւնը
թախանձագին
կը
հայցեմ,
պէյ
էֆէնտի։
Մեղկ,
շողոմ,
ստորին
բան՝
ձայնը
Սուքիաս
էֆէնտիին։
Անշուշտ
ձայնի
գիտութիւն
մը
կայ,
ժողովուրդէ
ժողովուրդ,
զոր
կը
ստանան
ցեղերը,
շատ
մը
բաներու
հետ,
պատմութեան
անիւէն։
Անշուշտ
մշակոյթ
մըն
ալ
կայ,
որ
այդ
ստացումները
կը
յղկէ
համաձայն
ցեղերու
խառնուածքին։
Թրքական
լուծին
ինկած
ցեղերուն
մէջ
հայը
առաջինն
էր,
որ
իւրացուցած
ըլլայ
այդ
գիտութիւնը
մեծ
կատարելութեամբ։
Ասիկա
ուրանալը
ոչինչ
կը
փոխէ
մեղադրանքէն։
Գերիներու
գիտութիւն,
բնական
ճկունութիւն,
աչքըբացութիւն,
ասոնք
բառեր
են,
որոնք
կրնան
մեր
արժանապատուութիւնը
փայփայել։
Սխալը
կ’ընենք
մեր
ժողովուրդը
դատելու,
Փարիզ
կամ
Նիւ
Եորք
նստած,
քսաներորդ
դարուն։
Դրէք
զայն
իր
հողին
վրայ՝
յիսուն
մը
տարի
ու
աւելի
ետ։
Այն
ատեն
պիտի
ըլլաք
համեստ,
անոր
տկարութիւնները
քնարերգելու
համար։
Անշուշտ,
այս
նկատողութիւնները
չեն
տարածուիր
մեր
ցեղին
բովանդակ
դասերուն։
Բայց
հարկ
է
խոստովանիլ,
որ
անոր
մէկ
մասը
ինքզինքը
ուրանալու
չափ
առնուած
է
այդ
զզուելի
առաքինութենէն։
Նկատի
չունիմ
մեր
հին
ոճով
աւագանին,
նախարարներու
վիժուկ
բռնակալները,
ամիրաները,
տասնիններորդ
դարու
վերջին
կիսուն՝
պետական
պաշտօնեայ
փաշայութիւնն
ու
էֆէնտիութիւնը,
որոնք
եղան
աւելի
ազատ,
աւելի
մարդ,
թուրքին
ծառայելով
հանդերձ,
մնալով
ազգային
զուսպ
արժանապատուութեան
մը
մէջ։
Բայց
այդ
յաջողական
չի
հերքեր
միւսները,
մեր
օրերուն
ապասերած
տիպարները,
որոնք
չխզուեցան
իրենց
ազգէն,
շապիկ
հագան
իրենց
ժամերուն
երգեցողութեան,
բայց
ապրեցան
թուրքին
կամքովը,
թուրքին
շահերուն
համար։
Դասական
լրտեսէն
վեր
տիպարներ
են
ասոնք,
հաճելի
եւ
աղտոտ,
սողուն
ու
վախկոտ,
եւ
որոնց
պահպանողականութիւնը
ատեն
մը
գրաւական
եղաւ
մեր
բարօրութեան,
իբր
թէ
ատիկա,
այդ
այնքան
պոռացուած
բարգաւաճի
վիճակը
ըլլար
ճշգրիտ
իրողութիւնը։
Ի՜նչ
արժէք
ունի
կալուածը,
երբ
տէրը
չես
անոր,
պիտի
չըլլաս։
Չեղան
լրտես
այդ
մարդերը,
վասնզի
մտածեցին
թուրքին
պէս,
թուրքին
հետ։
Խօսեցան
ինչ
որ
ախորժ
էր
անոր։
Իրենց
համոզումը
անկեղծ
էր
անոր
հաւատարմութեան
մասին։
Այս
մարդոց
մէջ
այդ
մտայնութիւնը
քաղաքական
հանգանակ
մը
չէր,
ինչպէս
էր
ատիկա
մեր
մեծատես,
սրատես
քաղաքագէտներուն
մէջ։
Պրուսայի
հայոց
առաջնորդարանին
կէտիկլի
քարտուղարը
`
Սուքիաս
էֆէնտին,
կրնայ
տիպար
ծառայել
այդ
հոգեվիճակին։
Ասպարէզէն
հասունցած՝
անիկա
ձեռնասունն
էր
նախորդ
առաջնորդ
Բարթողիմէոս
սրբազանին,
որ
զայն
առած
էր
մուշտակավաճառ
իր
հօրը
խանութէն,
գեղեցիկ
ձայնին
պատճառով
ու
«փոքրաւոր»
կեցուցած
ուրիշ
քանի
մը
պատանիներու
հետ,
որոնցմէ
մէկը
եպիսկոպոս
եղաւ
իր
կարգին։
Չ’արժեր
տարածուիլ
եպիսկոպոսական
բարքերուն
մութ
կողմերովը,
որոնք
շշուկներով
կը
լուսաւորուին
ու
չեն
տեսնուիր։
Իրողութիւնն
էր,
որ
փայլուն
պատանին
կաղապարուած
էր
տարօրինակ
այդ
մարդուն
շնորհներովը,
որոնք
Սուքիաս
էֆէնտիին
վրայ
յանգեցան
սա
լպրծուն
նուաստութեան։
Անիկա
ժառանգած
էր
սրբազանին
մտայնութիւնը,
լրիւ
ու
նորազատ։
Կը
հաւատար,
իր
վարդապետին
նման,
իր
պապերուն
առաքինութեանց,
որոնք
թուրքը
զգացեր
էին,
առանց
հռետորութեան
ու
առանց
թշուառութեան
(որ
հետեւանք
է
մեր
իրականութեան
բախումին)
ու
բերեր
մեր
ցեղը,
կոտորակուած՝
բայց
ամփոփ,
նոր
ժամանակներու
սեմին։
Համբաւաւոր
առաջնորդը
ինքզինքը
կ’անուանէր
վերջին
եպիսկոպոսը
հայոց
եկեղեցիին
ու
կ’աւաղէր
մեր
անցեալին
անդարձ
հեռանալը
մեզմէ,
երբ,
իսլամական
հեղեղին
մէջ
քանի
մը
կարկառուն
դէմքեր
լեզու
կը
գտնէին
միշտ
բռնակալին
եւ
իրենց
ժողովուրդին
միջեւ
ու
կը
փրկէին
ազգը։
Ջարդերը,
անոնցմէ
առաջ
սկսող
խստութիւնները
խորապէս
վրդոված
էին
այդ
եպիսկոպոսը,
որ
կը
հաւատար
իր
քաղաքականութեան
ու
մեր
դժբախտութիւնները,
իր
կողմնակցութեան
մղումով,
կը
բեռնար
Սահմանադրութիւն
որակուած
օրթա
օյին
ին
։
(Այսպէս
արտայայտուելու
համար
սրբազանը
ունէր
զօրաւոր
դառնութիւններ,
զորս
իր
թեմին
սահմանադրական
ժողովները
կը
պատճառէին
իրեն,
դրամի,
դիրքի,
լեզուի,
խելքի
մեծ
աղաներ,
չքաշելով
անոր
պալատական
բարքերը,
հանըմները,
թարմ
մնացած
քոյրը,
որուն
տունը
կ’ապրէր՝
փոխանակ
վանքին
մէջ
ապրելու։
Գաւառական
Երեսփոխանական
ժողով
մը
շատ
աւելի
ահաւոր
բան
էր,
քան
Պոլսոյ
Ազգային
Երեսփոխանական
Մեծ
ժողովը,
ուր
գոնէ
լեզուի
ճամարտակութիւն
եւ
հռետորութիւն
ընելիք
մը
ունէին։
Այդ
ժողովականներէն
իր
տեսած
հալածանքը
զայն
կ’ընէր
անգթօրէն
անիրաւ,
Ազգային
սահմանադրութիւնը
որակելով
ածականներով,
զորս
անհնար
է
ընդունիլ
այս
էջերուն։
Այս
մտայնութեամբ
անիկա
բացառութիւն
կը
կազմէր
նոր
օրերու
մեր
եկեղեցական
դպրոցին
մէջ`
ուրանալով
արժէքը,
մա՛նաւանդ
օգուտը
նոր
ոգիին,
որ
մեր
կործանումը
կը
հանդերձէր
Մխիթարեան
ու
կովկասահայ
գաղափարախօսութեամբ
կազմուած
մեր
կրօնական
պետերուն
յիմար
ինքնախաբէութեամբը։
Անիկա
կ’արհամարհէր
սահմանադրական
սերունդը,
անով
մատրուակուած
թոյնը,
որուն
անունը
կու
տային
ազգային
գիտակցութիւն,
եւ
որ
մեզ
կորուստի
մղող
ամէնէն
զօրաւոր
խենթութիւնը
պիտի
ըլլար
շատ
քիչ
ժամանակի
մէջ։
Կ’արհամարհէր
մեր
պատմական
ազգայնականութիւնը,
գիրը,
քարոզը։
Ու
ոգին՝
որով
առաջին
գիծի
կ’անցնէին
գրիչը,
յօդուածը,
գիրքը
ժողովուրդը
վարելու
կոչուած
մարդոց
վրայ,
փոխանակ
ըլլալու
բացառութիւնը։
Քանի՞
գրագէտ
կաթողիկոս
ունէր
մեր
եկեղեցական
նուիրապետութիւնը
իր
տասնհինգ
դարեայ
պատմութեան
ընթացքին։
Գիրք
գրողները,
լաւ
խօսողները,
ֆրանսերէն
բանաստեղծութիւն
տպողները
կրնային
իրենց
սենեակները,
իրենց
ազգականները,
շատշատ
իրենց
սիրուհիները
կառավարել
միջակ
յաջողութեամբ։
Բայց
անատակ
էին
թուրքին
եւ
իրենց
ժողովուրդին
միջեւ
ըլլալու
այն
պահպանակը,
որ
գործեր
էր,
այնքան
օգուտով,
դարերէ
ի
վեր։
Պրուսայի
առաջնորդը
իր
ձեռնասուններէն
կը
պահանջէր
քիչ
հմտութիւն՝
շատ
վարուողութիւն,
քիչ
քարոզ՝
շատ
խորամանկութիւն,
քիչ
խստութիւն,
սրբութիւն,
հռետորութիւն՝
շատ
ճկունութիւն։
Ներեցէք,
որ
կը
ծանրանամ
քիչ
մը
այս
մարդուն
մտայնութեանը
վրայ։
Վասնզի
անոր
մէջ
կը
բիւրեղանայ
ամբողջ
դպրոց
մը,
որ,
պարագաներէ
զառածած,
ստեղծեց
մեր
լրտեսները)։
Այս
աւանդութիւններուն
մէջ
կազմաւորուած
Սուքիաս
էֆէնտին
վարեց
ազգային
առաջնորդարանը,
Բարթողիմէոս
սրբազանին
հրաժարումէն
վերջը։
Ջարդերէն
յետոյ
մանաւանդ
տիրական
եղաւ
այդ
մտայնութիւնը
ազգային
շրջանակին
մէջ։
Աւելցուցէք
անոր
խառնուածքն
ալ,
որ
եղաւ
բացառաբար
քոսոտ,
սմսեղուկ,
ծածկամիտ
ու
նենգ։
Անիկա
թաղականները,
աղքատախնամին
անդամները,
հոգաբարձութիւնը
մեծ
դիւրութեամբ
կը
վերածէր
ազնուաշուքներու
եւ
վսեմաշուքներու։
Ու
այդ
իմաստուն
տնտեսումով
հայոց
նոր
առաջնորդը
տեսակ
մը
շարունակութիւնը՝
պատմական
ու
Սուլթանին
սիրելի
Բարթողիմէոսին։
Հազար
ներողութիւն,
պէյ
էֆէնտի,
պատճառնե՛ր…
Ու
լպրծուն,
լոյծ,
թուքի
պէս
զազիր
ժպիտը՝
բոլոր
սողուններուն.
Մերհասա
էֆէնտին
իր
յարգալից
մաղթանքները
եւ
ողջոյնները
կը
մատուցանէ
վսեմաշուք
ժողովականներուն։
Մագիստրոսեան
իր
գիտութի՜ւնը՝
ձեռքի
կորագիծով
մը
տասը
մէկ
անգամ,
նոյն
աստիճանով,
յարգելու։
Նայուածքի
յաջողակ
շրջումով
մը
քսան
աչք
ակնարկի
մը
մէջ,
ողջունելու։
Տեսած
ըլլալ
է
հարկաւոր՝
ըմբռնելու
համար
կեղծիքի
սա
արագութիւնը,
բնականութիւնը,
տիրականութիւնը։
Հազարապետ
փաշան
ժպտեցաւ։
Պոլսէն
կը
ճանչնար
մերինները,
ուր
այս
տիպարները
պարտաւոր
էին
աւելի
խոր,
մանուածապատ
նենգութեամբ
մը
պաշտպանուիլ
հասարակաց
կարծիքէն,
մամուլէն,
ազգային
երեսփոխաններէն
ու
տակաւին
շատ
մը
ազդակներէ,
որոնք
կը
պակսէին
գաւառական
սա
քաղաքին
մէջ։
Անիկա,
Ջարդերէն
ետքը,
իրեն
մասնագիտութիւն
էր
ըրած
Հայկական
Հարցը,
արտասահմանեան
կոմիտէներու
գործունէութիւնը։
Տեղեակ
էր
մեր
պատմութեան,
մեր
ձգտումներուն,
շերտաւորումներուն,
մեր
պաշտօնական
շրջանակներու
տիրական
մտայնութեան,
ու
ասիկա՝
մեր
կողմէն
ահաւոր
փութկոտութեամբ
մը
մատուցուած
անոր
հետաքրքիր
հաշիւներուն։
Անիկա
կը
կարծէր
տեսնել
Սուքիաս
էֆէնտիին
վրայ
այն
միւսները,
էֆէնտիներ,
պետական
վարժարաններու
մէջ
ուսուցիչ
կամ
Հանրային
Պարտուց
վարչութեան
կամ
Օսմանեան
Պանքայի
մէջ
պաշտօնեայ,
լեզուական
կատարելութեամբ,
թուրքերէնը
արտասանելու
անթերի
շեշտով,
ու
կեղծիքը
մաքրամաքուր
կենցաղագիտութեան
բարձրացնող
անհաւասարելի
յաջողութեամբ։
Մարդեր,
իրենց
այդ
դերով,
ինկան
խեղճ,
փոքր,
կարծես
վրէժ
լուծելու
համար
իրենց
ցեղէն,
որ
իրենց
առաջխաղացութիւնը
այդքան
բացայայտ
ձեւով
մը
կը
վտանգէր
ու
զիրենք
կը
վերածէր
սա
ստորնութեան։
Հայ
պաշտօնէութիւնը
խոր
տառապանքը
ապրած
է
արդարեւ
այս
մտայնութեան։
Անունի
փոփոխումով
մը
այդ
մարդերը
սահմանուած
կ’ըլլային,
պիտի
ըլլային
վարչական
բարձրագոյն
պաշտօններու։
Իրենց
ցեղին
այդ
ընդքարշող
տկարութեամբը
կը
մնային
անաւագ,
կայուն,
աւելի
վերջը
հրուած
դէպի
լրտեսութիւն,
ինչպէս
ըսի,
անգիտակից
փոխվրէժի
մը
յագեցումին
համար։
Այս
պարագան
կը
զատէ
մեր
դաւաճանները
զուտ
շահադիտական
նպատակներով
գործող
միւս
տիպարներէն։
Վասնզի
անոնք
բաւարար
վարձատրութիւն
չունեցան։
915ը
ամէնէն
գռեհիկ
միջոցներով
թուրքերը
տրամադրելի
ունեցան
ամբողջ
բանակ
մը
լրտեսներու։
Ոմանք
հացի
մը
գնով
ըրին
ատիկա։
Ոմանք
ինքնամատոյց,
իրենց
պզտիկ
քէները
յարդարելու
տենդով։
Նախագահ
պէյը
կը
ծամէր
կզակները։
Խստութիւնը՝
խառնուածքին։
Զոր
չէր
յաջողած
մեղմել
փատիշահին
դիւանագէտ
բարեկամութիւնը։
Քաղաքականութիւնը
ասպարէզ
մըն
է,
որոշ
օրէնքներով,
որոնցմէ
դուրս
էր
կզակ
ծամելը։
Բայց
ամէն
մարդ
իր
կրցածը
կ’ընէ։
Լեռնականի
վայել
ատելավառ
շեշտով
մը
աւելցուց
անիկա,
մատը
սեւեռ՝
ամբաստանեալներուն.
-Ըսէք
սա
անբաններուն,
որ
օգտուին
վերջին
պատեհութենէն։
«Անբան»,
«անասուն»,
«կաւատ»,
«պոռնկորդի»,
«խոզ»,
ու
աւելի
խուժդուժ
բառեր
էին
հայերու
տղաքը,
սա
գիրքերու
ընտանութեան,
բերանէն
սա
մարդուն,
որ
(արեւմտեան
կարգերու
հանդէպ
խոր
իր
գարշանքին
մէջ
–
քանի
մը
դար
արդի
քաղաքակիրթ
ազգերը
արժանի
իսկ
չնկատուեցան
արհամարհանքի,
վկայ՝
սուլթաններուն
հրովարտակները
Արեւմուտքի
արքաներուն
–,
անիկա
իր
զգացումներուն
մարմին
կու
տար
հայերու
վրայ
գործադրուած
դիւրին
նուաստացումով)
թուրքերուն
երկդարեան
անընդմէջ
պարտութիւնները
իր
հաստ
ուղեղին
բացատրելի
ընելու
համար,
յանցաւոր
կը
նկատէր
կեավուրին
գոյութիւնը,
անոր
անէծքները,
դաւաճանութիւնները
ու
չէր
կշտանար
հայհոյելէ,
երկու,
երեք,
մինչեւ
տասը
վայրկեան,
ու
ասիկա՝
ամէն
տեղ,
ամէնէն
բարձր
ատեաններուն
նոյնիսկ։
Ընդհատեց
հայհոյութիւնները,
վասնզի
հազարապետին
զարմացած
ակնարկը
պերճախօս
էր
բաւական։
-Որ
խոստովանին։
-Այո,
պէյ
էֆէնտի,
պէտք
է
խոստովանին։
Նուաճուած
ազգերը
ուրիշ
լեզու
չէին
կրնար
գործածել,
չէին
գործածած։
Ու
չունէին
իրաւունք,
ուրիշ
կերպ
արտայայտուելու
մարդեր,
որոնք
իրենց
գլուխը
վարձքով
կը
կրէին
իրենց
ուսերուն։
Գլխահարկին
այս
ակնարկութիւնը
ցաւ
էր
անոր։
Վասնզի
դարերը
չէին
գար
ետ,
որոնց
մէջ
սուլթաններու
սուրը,
քմայքը
կողմնացոյց
կը
ծառայէր
անոնց
բանակներուն։
Ինչո՞ւ
չէին
մաքրած
այդ
օձերու
սերունդները,
երբ
ինկած
էին
իրենց
դանակներուն
բերանը։
Ու
վախնալով
հանդերձ
մեծ
սուլթաններուն
հայհոյելէ,
Օսման
պէյը
հրապարակաւ
կը
յայտարարէր.
-Ինշալլա՜հ
պիտի
տեսնենք։
Տեսնալի՞քը։
-Օրը
բնաջնջումին։
Ջարդերուն
անպատիժ
մնալը
ուրիշ
ինչ
կրնար
ապացուցանել։
Անոնք
պիտի
սրբագրէին
Ֆաթիհներու
սխալները։
-Ուրիշ
մարդ
պիտի
ղրկէ՞
մերհասա
էֆէնտին։
-Ո՛չ,
պէյ
էֆէնտի։
Այդ
մերհասա
էփէնտին
մունտառ,
բայց
հաճելի
կապիկ
մըն
էր,
իր
մանր
դէմքովը
ու
ջղային
շարժումներովը,
ինչպէս
կը
հաստատէր
Էֆգաֆին
ջորիի
պէս
պինդ
տնօրէնը`
հեգնելով
հայոց
առաջնորդին
քիչ
մը
նրբացած
ժեսթ
երը
ու
պոլսական
փափկութիւնը,
իր
բառովը՝
նէզաքէթ
ը։
Զայն
կը
ճանչնար,
պարտաւոր
ըլլալ,
պետական
իմաստութեամբ
մը,
քանի
որ
Ջարդերէն
վերջ,
վիճակներու
առաջնորդները
խռովարարական
պաշտօնեաներու
գիծին
կու
գային։
Սուքիաս
էֆէնտիին
հաւատարիմ
մատնութեամբ,
ան
տեղեակ
էր
առաջնորդին
բնաւորութեան
բոլոր
ծալքերուն,
վախերուն,
մենագարութիւններուն,
ինչպէս
նաեւ
մականունին
վտանգաւոր
խորհուրդին,
քիչ
մը
շատ
հայ
հնչումով։
Արշարունի
հայր
սուրբը
(այդ
օրերուն
կարծեմ
չէր
եպիսկոպոսացած)
կուսակալին
մեղմ
դիտողութեանը
դէմ
պաշտպանած
էր
իր
մականունը
ԿալաթաՍէրային
լիսէին
պաշտօնական
վկայականովը,
վարժարանին
մեծահմուտ
տնօրէնին
վարկը
արժեցնելով
պերճախօս
դրուատիքով,
ու
քիչ
մըն
ալ
այն
իրողութեամբ,
որ
այդ
թշուառական
մասնիկը՝
ունի
ն
դեռ
աժան
ջուրի
յեղափոխական
մենաշնորհ
չէր
դարձած։
Պոլսական
անոր
կրթութիւնը,
լեզուին
անթերի
տիրակալումը,
թուրք
կրթական
մեծ
հաստատութեան
մը
աշակերտելը
անշուշտ
արժէքներ
էին
պետական
շրջանակներու
համար։
Միւս
կողմէ՝
թուրքերը
չէին
ատեր,
որ
մերհասա
էֆէնտին
հարազատ
հայ
էր,
բաղդատուած
Բարթողիմէոս
սրբազանին,
որ
դէմքէ,
մօրուքէ,
լեզուէ
թէմէննահէ
տարբերութիւն
չունէր
փաթթոցով
կրօնաւորներէն,
այնքան
նոյնացած
էր
անիկա
տիրող
տարրին
հոգեբանութեան.
ու
կուսակալի
մը
բարքերովը,
վարչութեամբը
կը
կառավարէր
իր
թեմը`
սաստելով
յամառ
աւագները.
Երեսփոխանական
ժողովին
(Գաւառականը
հասկնալ)
անդամները
լռեցնելով
իրենց
սահմանադրամոլ
եռանդին
մէջ
ու
լուծելով
ժողովները
Սուքիաս
էֆէնտիին
խաղերովը։
Արշարունի
վարդապետը
կը
տարբերէր
իր
նախորդէն
նստասէր
իր
բնաւորութեամբը
եւ
ժուժկալ
խոհանոցովը։
Իր
նախորդը
իր
թեմին
գեղերը
կը
սիրէր
այցելել,
չորսհինգ
բարապան
ժուռ
ածելով
ետեւէն,
ընտրուած,
բարձրակերտ
մարդեր,
պաշտօնական
համազգեստով
ու
կէս
մը
վայրենի,
որոնք
աղաներուն
երեւալ
ունէին
ու
ազդեցիկ
էին
նոյնիսկ
թուրք
երեւելիներու
վրայ,
երբ
անոր
ասա
ն
երկու
ձեռքով
բռնած
կը
մտնէին
անոնց
գեղջկական
ապարանքները
եւ
կը
բաշխէին
ամենակարող
սրբազանին
օրհնութիւնն
ու
ողջոյնները`
հրաւիրելով
զանոնք
այս
ու
այն
ժողովին։
…
Արշարունի
հայր
սուրբը
հակառակ
մեղաւոր
իր
մականունին,
թրքական
շրջանակներու
մէջ
տանելի
էր
իր
անգոյն,
աւելի
ճիշդ՝
անազգային
մտայնութեամբը,
տարօրէն
հաշտ
էր
քաղաքին
աւագանիին
հետ,
հին
մարդեր,
խորապէս
կրօնասէր,
ազգը
ընդունելով
ժամուն
շրջափակէն
ներս,
ու
շուկան,
գործը,
խանութը՝
աշխա՜րհ
իրենց
հոգեկան
ու
մարմնաւոր
ամբողջ
լինելութեան։
Դպրո՞ցը։
Աղքատիկ
տղաքը
արհեստաւոր
թող
ընէր
ան։
Հարուստները
իրենց
վաճառատուններուն
դպրոցը
չէին
փոխեր
ոչ
մէկ
հաստատութեան։
Արշարունի
հայր
սուրբը
հոն
ամիսը
հեղ
մը
կ’երեւար
ու
կը
կարդար
Լաֆոնթէնի
առակներէն
մէկերկուքը,
այնպիսի՛
միմիք
ով
ու
դղրդագին
արտասանութեամբ,
որ
տղաքը,
բոլորն
ալ
աղքատիկ,
հացէն
չունեցած
իրենց
կշտումը
կ’ունենային
խնդուքէ։
Կը
բաւէր
անշուշտ
այսքանը։
Բայց
վարդապետը
տիրացու
տղաք
ալ
կը
պաշտպանէր`
զանոնք
իր
խոհանոցէն
կերակրելով
ու
ամսականէն
զգեստաւորելով։
Քնքուշ,
երկարաշունչ
ու
տարօրէն
քաղցր
իր
ձայնը
տարածուած
էր
եկեղեցիին
շրջափակէն։
Ու
այդ
ձայնին
բարեկամ
էին
էֆգաֆի
մեծահամբաւ
տնօրէնը
ու,
մա՛նաւանդ՝
բանտերու
վերատեսուչ
փաշան,
ծանօթ
մեզի
իր
այս
հակումով
ալ։
Բացառիկ՝
անոր
հմտութիւնը
մեվլէւի
տէրվիշ
ներու
երաժշտութեան։
Արեւելեան
եղանակներու
դժուարամատոյց
թեքնիքը
գաղտնիք
չունէր
անոր
համար։
Ու
անոր
նէյ
ածելը
տխրալի
դաշնակութիւն
մըն
էր
վերջալոյսներուն,
երբ
Վանք
ին
պարտէզին
մէջ,
վարդենիներու
պուրակներու
խորը,
մուշտակին
մէջ
փաթթած
իր
ջղագար
ու
ազազուն
մարմինը
կը
նուագէր
մեղմ`
լալով
մութին
վրայ,
հեռու
տուներէն
արցունք
խլելով։
Սուքիաս
էֆէնտին,
այդ
առաջնորդարանին
պատուաւոր
ու
պատուական
քարտուղար։
Հայերու
հանգամանքները
ստուգող
յանձնաժողովին
իրաւասու,
հաւատարիմ
ու
բոլորովին
գաղտնի
տեղեկաբեր
(վասնզի
ամէն
անհատ
անկէ
խմբագրուած
թուղթով
մը
կը
ներկայանար
այդ
սարսափելի
ատեանին),
քոմանտան
փաշային
առանձնակի
վճարուած
լրատու
(փաշան
գիտական
իր
զբաղումներուն
մէջ
քաղաքականութիւն
ընել
կը
յաւակնէր
Պրուսայի
հայոց
վաճառականներէն
ու
վարժապետներէն
իր
ամբարած
տեղեկագրութիւններովը,
որոնք
սեփական
աղբիւրէ
բխելու
արժանիքը
կ’ունենային
կուսակալութեան
մեծ
ու
խորհրդաւոր
ժողովներուն
մէջ)։
Նոր
կազմակերպուած
գաղտնի
ոստիկանութեան
նորընտիր
պաշտօնեայ
(Համիտին
գի՞ւտն
էր
անիկա,
երբ
ամբողջ
պաշտօնէութիւնը
ուրիշ
բան
չէր
այդ
օրերուն
հանդէպ
իրարու,
մեծը՝
պզտիկին,
պզտիկը՝
մեծին)։
Հայկական
շրջանակներու
մէջ,
խորապէս
գնահատուած
ազգանուէր,
կարող
հայրենասէր,
թրքատեաց,
գործ
կարգադրող
դիւանագէտ
(անոր
ստանձնած
բոլոր
գործերը
յաջող
յանգ
կ’ունենային)։
Մեծ
աղաներու
խնճոյքներուն
հաճելախօս,
անէկտոթտիք,
սրամիտ,
Բարթողիմէոս
սրբազանին
բազմամեայ
պաշտօնավարութեան
հազարումէկ
դրուագները
մեծ
շահեկանութեամբ
պատմող
մատռուակ։
Հիմա,
արտակարգ
ժողովի
մը
արտակարգ
թարգմանը։
-Հարցուցէք,
նախ,
Սուքիաս
էֆէնտի,
խօսի՞ն
պիտի,
թէ
ոչ։
Խօսիլը
քոմիթաներուն
կողմէ
ամէնէն
դժուար
զիջումն
էր
եղած
այդ
հարցի
ամբողջ
ընթացքին։
Օսման
պէյը
այս
հարցումը
դնելէն
ետքը
դարձաւ
իր
աթոռին։
Հաճ
էր
անիկա։
Հաւատարիմ
թարգման
մը
աւելի
կ’արժէ,
քան
թեթեւամիտ
դատաւոր
մը,
նոյնիսկ
հարազատ
թուրք։
Ժողովը
կը
սկսէ՞ր։
Մարդիկ՝
իրենց
փոքր
զբաղումներուն։
Քոմիթաները՝
նոյն
այլուրութեամբ։
Սուքիաս
էֆէնտին
շեշտ
փնտռելով,
համոզկեր
ու
համեստ
այն
խօսուածքը,
որով
կարգ
մը
մարդիկ
կը
յաջողին
ամէնէն
բարդ
կացութիւնները
փրկել,
քանի
մը
աննշան
դարձուածքներով`
վերցնելով
խուժ
ու
անհանգիստ
բանը
ատեանին։
-Պարոն
Մաթիկ,
-
ըսաւ
անիկա`
թեթեւ
մը
հազալով,
ձեռքին
մէկովը
մօրուքը
սանտրելէ
ետքը։
-Այո՛։
-Ժողովականները,
բոլորն
ալ
հիստ
բարձր
անձնաւորութիւններ,
կ’ուզեն
որ
հօսիք
։
-Կարող
են
բարձր
լինել,
բայց
իրանց
համար։
-Այսինքն,
ի՛նչ
ըսել
կ’ուզէք։
-Պարզ
է։
Ախր,
չեմ
հասկանում,
էլի
ի՛նչ
են
ուզում
մեզանից։
-Որ
հօսիք։
-Գիրքեր
լեցնելու
չափ
խօսած
ենք,
էլի։
-Ոչ,
անոնք
ուրիշ
հնդիր
։
Այս
ժողովը
կը
փափաքի
անձամբ
լսել
ձեզ։
-Ներեցէք,
որ
չկարողանամ
հասկանալ
ձեզ։
Չեղեա՞լ
նկատուելու
են
մեր
ասացածները
էդ
թղթերում,
ասացէք
խնդրեմ…
Ու
անոր
փոքր
մատը
ցոյց
տուաւ
դատաւորին
առջին
դէզ
թուղթերը։
Սուքիաս
էֆէնտին
ամէն
մէկ
պատասխան
կը
թարգմանէր
ու
ամէն
հարցում
կը
դնէր
նախ
թուրքերէն։
Հարցաքննիչ
դատաւորը,
ծրար
մը
թուղթ
ձեռքին,
լարեց
մանր
իր
աչքերը.
հայերուն
քարտուղարը
ճարտար
կու
գար
դուրս։
Ինք,
հսկայ
իր
ծեծերովը,
ու
բեռներով
հայհոյանքովը
անկարող
էր
եղած
այդ
անասունը
այդքան
մը
խօսեցնելու,
մէ՛կ
շունչով։
-Ո՞ր
տեղացի
էք։
Ըստ
օրինի,
հարցումները
կու
գային
դատաւորէն,
որուն
թարգմանն
էր
Սուքիաս
էֆէնտին։
-Կովկասից։
-Ատիկա
հասկցանք։
Ո՞ր
քաղաքէն։
-Կովկասից։
-Բայց
ո՛ր
գետինն
անցնելիք
քաղաքէն,
գեղէն։
Ճեհեննէմ
ին
(դժոխք)
ո՛ր
անկիւնէն։
Խիստ,
բարկացոտ
ու
ծիծաղելի,
վասնզի
կը
դժուարանար
զսպելու
լեզուն.
այնքան
վարժ՝
նման
պատասխաններ
դիմաւորելու
հայհոյութիւններուն
է՛ն
թանկերովը,
զմռսուածներովը։
Նման
պարագաներու
Աստուած
մեղք
համարելու
չէր
իր
բերնէն
թափած
այդ
յիշոցները,
որոնց
պատասխանատուն
այդ
հնզրներուն
յամառութիւնն
էր
հարկաւ։
-Կովկասից…
Ու
այս
բառը,
ահաւոր
հանդարտութեամբ,
ա՛յնքան՝
որ
ժողովականներուն
ներքեւ
աթոռները
ելան
աղմուկի։
-Մարդ
կը
ճաթի
ասոնց
դէմը։
Միւսթանթիգ
էֆէնտին,
պարտուած,
թուղթերը
նետեր
էր
սեղանին`
նպաստ
մուրալով
միւսներէն։
Այդ
բարկութեան
հաշուոյն
դողահար,
Սուքիաս
էֆէնտին,
ինքնաբեր
մեղմութեամբ.
-Բայց
Կովկասը
երկիր
մըն
է
հազարաւոր
գեղերով։
Պատկառելի
ժողովը
կը
փափաքէր
իմանալ,
թէ
ո՛ր
գիւղին
կամ
քաղաքին
մէջ
ծնած
էք
եւ
ուրկէ՞
կու
գաք։
-Կովկասից…
Նոյն
ահաւոր
այլուրութեամբ,
իբր
թէ
առաջին
անգամ
բերանը
բանար։
Յետոյ
սեւեռեց
քարտուղարը
իր
մանր
աչքերովը։
-Ախր,
ինչի՞
պէտքական
է
գալիս
իմ
ծննդավայրը։
-Ատիկա
ձեր
գիտնալիք
բանը
չէ,
այլ՝
ժողովին։
-Ժողովի՞ն։
-Այո՛,
պատկառելի
ժողովին։
-Էդ
քո
պատկառելի
ժողովը
մի
փնճա՞ն
էլ
խելք
չունի
էդ
հսկայ
փաթթոցների
ներքեւ։
-Չհասկցանք։
-Ու
քո
սերկեւիլի
չափ
ուղե՞ղն
ալ
չունի
մի
կտոր
խելք,
էլի,
հասկանալու,
թէ
ինչ
կարիք
կայ
ծննդավայր
փնտռել
մէկի
համար,
որ
պիտի
մեռնի։
-Ատ
ի՛նչ
խօսք
է,
պարոն
Մաթիկ։
Ո՞վ
է
ըսեր,
որ
պիտի
մեռնիք։
Անսահման
է
մեր
վեհափառ
կայսեր
գութը։
-Ի
հարկէ,
ի
հարկէ։
…Ա՛յնքան՝
որ
չի
բաւարարւում
մեր
երկրային
երջանկութեամբը
եւ
աճապարում
է
էնքան
մեզ
խմբովին
երկինք
ուղարկել,
որպէսզի
հոն
ողողուենք
երկնային
շնորհքներովը։
Ասելիք
չկայ,
էլի։
Ի
հարկէ,
անսահման
է
գութը
ձեր
վեհափառ
կայսեր։
Էդ
գիտէինք
սակայն։
Կացութիւնը
«կը
կնճռոտէր»։
Առաջին
անգամն
էր
Սուքիաս
էֆէնտին
ականջին
մէջ
կ’ունենար
այդքան
սրբապիղծ
բաներ։
Բռնակալութեան
մէկ
յատկանիշն
ալ
բառերու
վրայ
գործադրուած
սա
սարսափն
էր,
որով
եղան
վիրաւոր
մեր
ականջները
աւելի
քան
քառորդ
դար։
Ուրկէ՞
կու
գար
անիկա։
Հիմա
կը
հարցնեմ
ես
ինծի,
երբ
այնքան
անբնական
ու
յիմար
կը
թուի
թուրքին
սահմանէն
դուրս։
Պատասխանը
թերեւս
ճիշդ
է
փնտռել
մեր
գերութեան
դարերէն։
Թուրքի
հողին
վրայ,
մեր
հոգին
միշտ
ալ
անարի
բանը
պէտք
է
եղած
ըլլայ։
Ու
ատեն
է,
որ
ճշդենք
այդ
հոգեբանութիւնը։
Զայն
ուրանալը,
իրաւ
է,
թէ
բիւրաւոր
օրինակներու
փաստով
մը,
չի
հերքեր
անոր
գոյութիւնը։
Հոգեկան
արիութիւնը
ուրիշ
բան
է
սակայն։
Մի
բաղդատէք
անիկա
յուսահատութենէն
ժայթքող
մահուան
վազքի
մը
հետ,
որ
կը
շրջանակէ
մեծ
մասը
մեր
հերոսութիւններուն։
Հոգեկան
արիութիւնը
ազատ
ժողովուրդներու
առաքինութիւն
մըն
է,
որոնք
մահը
կը
դատեն
աւելի
պաղարիւն,
քան
մենք,
քանի
որ
կեանքէն
առած
են
ինչ
որ
կրնայ
տալ
անիկա,
առնուազն
հողին
վրայ
հաստատ
մահուան
սպասելու
վճռականութիւնը`
առանց
ռոմանթիզմի։
Մենք
չվախցանք
թուրքէն,
մեռնելու
որոշում
մը
տալէ
յետոյ
միայն։
Բայց
ասիկա
նոյն
բանը
չ’ապացուցաներ։
Մեր
զանգուածը
ապրիլ
կ’ուզէր,
գէշաղէկ,
ի՛նչ
ձեւով
որ
ճակատագիրը
բաշխեր
էր
այդ
կեանքը
մեզի։
915ի
աղէտը
վերադարձ
մըն
է
հարիւր
տարի
առաջուան
հոգիի
մը,
մեզի
համար։
Թուրքերը
հինգ
դար
թարմացան
անով։
Ինչպէ՞ս
փոխադրել
սա
հեգնութիւնը
փաշաներու
ականջին։
Անիկա
տուաւ
իմաստը,
մեղմացուած,
բայց
զեղչեց
անոր
ձեւը։
Իր
վարանքը
աննշմար
չէր
անցած։
-Տասը
քաղաքի
մէջ
ծնած
է,
ինչպէս
կը
վկայեն
այդ
թուղթերը։
Հարցաքննիչ
էֆէնտին
տրցակով
թուղթ
կը
թրթռացնէր՝
ձեռքերը
լայն
երկարելով։
-Կարող
եմ
հարիւր
գեղի
մէջ
էլ
ծնուել։
Այդ
ամէնը
ոչինչ
չեն
փոխում
էս
րոպէին։
-Բայց
օրէնք
է…
-Ախր,
շատ
բաներ
օրէնք
չեն,
էլի…։
Հենց
հազարհազար
մարդկանց
սպաննելը։
Օրէնք
չէ,
էլի՛
կ’անեն։
Եւ
կ’անեն
էսպէս,
Տարդիւֆ
ների
նման։
-Կը
նախատէ
օսմանեան
անսահման
մարդասիրութիւնը,
որմէ
ամէնէն
շատ
բարիք
այդ
ապերախտ
ժողովուրդն
է
վայելած։
-Որ
մորթում
է
հօրը`
որդուն
հաց
բաշխելու
համար։
Հարցաքննութիւն
չէր,
որ
կը
կատարուէր։
-Ուրացումն
ալ
տաղանդ
է։
Միջամտեց
հազարապետ
փաշան,
որ
Մաթիկին
սրամտութիւնը
ու
առոյգ
ոճը
դատած
էր
շահեկան։
Անոր
մտքին
մէջ
ուրուացաւ
երկար
տեսակցութեան
մը
գաղափարը,
զոր
ծրագրած
էր
օր
մը
ունենալ,
վաւերական
յեղափոխականի
մը
հետ,
հայ
եւ
թուրք
հարցին
վրայ։
Իր
քովէն
անցածները,
բեռնակիր,
դռնապան,
արհեստաւոր
զինքը
dérouter
ըրած
էին
իրենց
խելքին
քիչութեամբը
եւ
զգացումներուն
յորդ
անխելքութեամբը։
Անիկա
հայկական
միսթիքը
ճանչցեր
էր
բանտերէն,
բայց
գաղափարախօսութիւնը
թերթերէն
եւ
պրոշիւրներէն։
-Ձեզ
պէս
խեղաթիւրելն
էլ՝
ասիական
տաղանդ
է։
-Ի՞նչ
բան
է
խեղաթիւրածը։
-Ամբողջ
ժողովուրդի
մը
ազատութեան
իրաւունքը։
-Բայց
մենք
ձեզմէ
բան
չենք
առած,
որպէսզի
տալու
մտածումը
ունենանք։
-Գողն
ու
գողօնը
թաքցնողը
«ի
նմին
պատժի
կան»
կ’ըսէ
մեր
գիրքերէն
մէկը։
Խօսակցութիւնը
կը
դառնար
փորձանուտ։
Անկէ
նեղուողը
ամէնէն
շատ
թարգման
էֆէնտին։
Պատուիրակ
փաշան
մեղմութեամբ
հասկցուց
տաղանդաւոր
թարգմանին,
թէ
«դեսպանը
մեղք
չէր
կրնար
ունենալ»։
Արեւելեան
այս
առածին
իմաստը
կ’արտօնէր
զինքը,
առանց
քաշուելու,
յուզուելու,
«իր
հաւատարմական
զգացումներուն,
մէջ
վիրաւորուելու»,
ամբաստանեալներուն
բոլոր
արտայայտութիւնները,
հարազատ
ու
տառացի
փոխադրել
ժողովին։
Որքան
ճիշդ
ու
խղճամիտ
կատարուէր
այդ
աշխատանքը,
այնքան
ժողովը
կ’ըլլար
լուսաբանուած։
Դատական
կեանքին
մէջ
բառերը,
ճիչերը
երկար
խոստովանութեանց
չափ
կշիռ
ունին։
Օսմանեան
կառավարութիւնը
անգէտ
չէր
հայ
ժողովուրդի
մեծամասնութեան
զգացումներուն։
Հայերը
այս
երկրին
արժանաւոր
ու
սիրելի
զաւակներն
էին։
Վկայ՝
բոլոր
քաղաքներուն
մէջ
իրենց
ձեռք
բերած
յառաջդիմութիւնը։
Խաբուեցան,
մեծ
երազներու
ետեւէն
քշուելով,
ու
պատժուեցան։
Անշուշտ,
ասոնց
նման
պեխապար
օտարականներուն
կ’իյնայ
այս
պատիժին
մեղքը։
Հիմա,
իրենց
ձեռքն
էր
վերաշահիլ
համակրութիւնը
թուրք
ասպետ
ազգին։
Այս
մարդիկը
–
ցոյց
տուաւ
քոմիթաները
–
անկարող
են
հասկնալու
այս
տարրական
ճշմարտութիւնները։
Ձեր
–
խօսքը
ուղղած
էր
Սուքիաս
էֆէնտիին
–
պարտքն
է
հակազդել
ասոնց։
Չարագործներ
ո՞ր
երկրին
մէջ
չունին
գոյութիւն։
Այլապէս
ոստիկանութիւնը
աւելորդ
պիտի
դառնար։
Կայ
այդ
ուժն
ալ
ու
կը
պատժէ։
Թուրքերուն
ալ
պարտականութիւնն
էր
պատուհասել
խաղաղ
ժողովուրդին
մոլորիչները։
Թարգման
էֆէնտին,
մտքի
կատարեալ
անկախութեամբ
մը,
ի
գործ
դնելու
էր
իր
պաշտօնը։
Հաճելի,
խոհուն
ձայնով
մը
արտաբերուած
սա
փաստարկութիւնը,
թէեւ
անհասկնալի
Մաթիկին
–
քանի
որ
չէր
թարգմանուած
քարտուղարին
կողմէ
–,
ստեղծեց
տանելի
տրամադրութիւն
ամէնէն
շատ
Մաթիկէն
ներս։
Խոր
վիճաբանող՝
անիկա
որքան
ատենէ
ի
վեր
կարօտն
ունէր
սա
ակադեմական
շեշտով
ու
միմիքով
գործադրուած
քարոզին,
զոր
կը
թուէր
հասկցած
ըլլալ։
Հաճ
ու
թեթեւ
եղան
նաեւ
սիրտերը
միւսներուն,
որոնք
մօտիկը
կենային
այդ
ձեւով
յայտնուած
գաղափարներուն,
ճշմարիտ
սուտին։
Ամէնուն
համար
պարզ
էր
Ջարդին
նկարագիրը,
ու
է՛
մինչեւ
հիմա։
Ոչ
մէկը
ըսաւ
այդ
պարզ
մտածումը
ու
զայն
տարազեց
վերի
քալիմաթիա
յով։
Ժողովը
տեղ
մը
չէր
քալած։
Այս
դուլէն
օգտուողն
էր
անխուսափելի
միւսթանթիգը,
որ
քշեց
առաջ
իր
դասական
հարցաքննութիւնը,
ձգուած
կէտէն,
ինչպէս
կ’ըլլար
ատիկա,
պաշտօնական
նիստերու,
դատարաններու
բեմին։
-Ինչպէ՞ս
եկաք
հոս։
Պաղ։
-Ոտքով։
Նոյնքան
«փայտ»,
որքան
հարցականը։
-Հայվան,
-
չկրցաւ
զսպել
ինքզինքը
Օսման
պէյզատէ
Օսման։
Հարցաքննիչը
շարունակեց`
յուզումը
հազիւ
ծածկելով.
-Ո՞ր
ճամբով։
Տխմարութի՜ւնը
անասուններուն,
որոնք
արդարութիւնը
կը
փորձէին
մոլորեցնել`
դատողները
գրգռելով։
-Խճուղիով։
Անայլայլ,
դասը
պատմող
աշակերտի
մը
պարզութեամբը։
Ընկեր
Մաթիկը
իր
այդ
տուրքին
կը
պարտէր
այս
զառածումը
Սասունէն
հոս։
Դէգ,
«փայտ»՝
անիկա
իր
ընկերներուն,
սրտակիցներուն
չըրած
զիջումը
չունէր
ընելիք
սա
փաշաներուն։
-Քոմիթա
Մա…տէուսը
շատ
լաւ
կ’ընէ,
եթէ
այդ
աւելորդ
իմաստութիւնը
վերապահէ
իրեն։
Իր
յամառութիւնը
վնասէ
զատ
բան
չի
շահեցներ
իրեն։
Սրամտութիւն
եւ
ուրացում
անյարմար
են
եւ
քիչ
մը
իշու
վարպետութիւն
կը
հոտին
սա
պարագային։
Այս
ժողովին
համար
անհրաժեշտ
է
գիտնալ
այդ
ճամբորդութեան
գիծը։
-Այս
ժողովը
պիտի
չգիտենայ
էդ
մի
բանը։
-Պիտի
գիտնայ։
-Լաւ,
ցոյց
տուէք
ձեր
եղանակը։
Ես
լռում
եմ,
եթէ
շարունակէք
հարց
անել
այդ
ուղղութեամբ։
-Բայց
մենք
գիտենք
այդ
գիծը։
-Էդ
պարագայում
էլ
ինչո՞ւ
նորից
ուզում
էք
իմանալ։
Միջամտեց
քոմանտան
փաշան։
-Եթէ
այս
պատկառելի
ժողովը
կը
դատէ
յարմար,
ես
կ’առաջարկեմ
դատավարութեան
ու
հարցաքննութեան
սովորական
եղանակներէն
հրաժարիլ
ու
չըլլալ
ժամավաճառ
աւելորդ
ձեւակերպութեանց
մէջ։
Քանի
շաբաթ
է
կը
փորձենք
այս
մարդիկը
զգաստութեան
բերել,
խոստումով,
խստութեամբ,
բանականութեամբ
եւ
բռնութեամբ։
Ասիկա
սանդին
մէջ
ջուր
ծեծել
կը
նշանակէ։
Իրենք
իրենց
ձեռքով
կը
ստորագրեն
իրենց
վճիռը։
Ասիկա
իրենց
գիտնալիքն
է։
Չ՚արժեր
շատ
ալ
մեծցնել
այս
մարդոց
նշանակութիւնը։
Իրողութիւն
է,
որ
անոնք
բռնուած
են
մեր
կուսակալութեան
ենթակայ
Բ.
գազային
Ս.
գիւղին
լեռները։
Բռնուած
են
դիմադրութեան
փորձէ
մը
վերջ
(կը
խօսէր
սուտ։
Գիտէր
ատիկա
հազարապետը
ու
լռեց։
Սուտը
պետական
առաքինութիւն
է
ո՛չ
միայն
թուրքին,
այլեւ՝
ամէնէն
առաջադէմ
ազգերուն
ալ
մէջը)
ու
պարտուած։
Իրողութիւն
է,
որ
անոնք
չեն
նմանիր
թափառական
այն
միւսներուն,
որոնք
տարիներ
առաջ
շատ
էին
մեր
սահմաններուն
մէջ,
բայց
մաքրուեցան։
Մեր
աչալուրջ
ոստիկանութիւնը
զանոնք
հաւաքած
է
խնամքով
ու
աւելորդ
գուրգուրանքով
ալ,
շրջանները
մաքրելու
համար
անոնց
հաւանական
աղտոտութիւններէն,
ու
ղրկած
է
պատկան
նահանգները`
ճամբու
ծախք
ու
սնունդ
ալ
վճարելով
(կ’ակնարկէր
հոս
ու
հոն
հաստատուած,
տունտեղ
եղած
հայաստանցիներուն,
որոնք
անօթի
մեռցուած
էին
կիրճերու
մուտքին
ու
մաքրուած
քարիւղով։
Պանդուխտներու
այս
դա՜րձը
դէպի
իրենց
հայրենիքը)։
Իրողութիւն
է,
որ
բռնուած
պահուն
չեն
ունեցած
ոչ
մէկ
թուղթ,
իրենց
ով
ըլլալը,
ուրկէ
գալը
յայտարարող,
վասնզի
պատռած
են,
ճիշդ
իրենց
ներկայ
հաշիւներուն
համար։
Իրողութիւն
էր,
որ
ասոնցմէ
մէկը
չի
կրնար
օսմանեան
հպատակ
ըլլալ,
քանի
որ
խօսած
լեզուն
քաֆքաս
է։
-Չեմ
կարծեր,
որ
այս
մարդը
Կովկասէն
ըլլայ,
վասնզի
հիմա
մեր
հպատակներն
ալ,
մեզ
խաբելու
համար,
այդ
հնարքին
կը
դիմեն։
Այնպէս
որ,
համամիտ
չեմ
ձեզի։
Այս
ընդմիջումը
ըրաւ
պատուիրակ
փաշան։
Վա՞խը։
Ռուսական
միջամտութիւն,
ինչպէս
տեղի
կ’ունենար
ատիկա
Վանի
կողմերը։
Անիկա
չափեց
թարգմանին
անբանութիւնը։
Թուրքերը
ոչ
մէկ
ատեն
հաւատացին
լրտեսներուն։
Թարգմանը
կրնար
այս
կաֆ
ը
փոխադրել
ռուսական
հիւպատոսարան,
որ,
հակառակ
հայերը
խորապէս
ատելուն,
պիտի
չվարանէր
շահագործել
դժուարութիւնը,
ինչպէս
կ’ընէին
միւս
հիւպատոսները
Արեւելեան
Նահանգներուն
մէջ։
Ոչ
ոք
հասկցաւ
այս
մտատանջութեան
տարողութիւնը։
-Կրնայ
ըլլալ։
Քոմանտան
փաշան
իր
նոթերն
էր,
որ
այսպէս
հատիկհատիկ
ու
հեղինակաւոր
շեշտով
կը
հաղորդէր
ժողովին,
առանց
կասկածելու,
թէ
ո՛ր
աստիճան
հասարակ
դատումներ
էին
ու
որքան
ալ
աւելորդ։
-Ու
այդպէս
ալ
է։
Գոհ
էր,
փաստաբանի
մը
նման,
որ
տաքցած
իր
ճառէն,
անոր
տպաւորութիւնը
կը
փնտռէ
ատեանին
վրայ։
-Իրողութիւն
է,
որ
անոնք
մեր
հպատակներն
են
ու
կը
պատկանին
քոմիթայի
մը,
որ
իր
անիծեալ
ճիւղերը
տարածած
է
օսմանեան
նուիրական
հայրենիքին
շատ
մը
կողմերուն
վրայ։
Մեր
կուսակալութիւնը
մինչեւ
հիմա
լուրջ
հետքեր
չէր
գտած
անոնց
գործունէութենէն։
Բայց
վերջին
դէպքը
կը
հերքէ
այդ
լաւատեսութիւնը,
ապահովութիւնը։
Այդ
քոմիթան
իր
գլուխը
ունի
հիմա
մեր
ալ
հողերուն
վրայ։
Ու
կը
գործէ,
ասոնց
ձերբակալումէն
ետքն
ալ`
հրկիզելով
պետութեան
օգտակար
հայու
մը
տունը,
մայրն
ու
տղան
ալ
բոցերու
մէջ
անյայտ
ընելով։
Ասոնք
բոլորովին
ապացուցուած
ստուգութիւններ
են։
Ասկէ
անդի՞ն։
–
Հաստատել
գոյութիւնը
կապին,
ասոնց
եւ
գիւղացիներուն
մէջտեղը։
Վասնզի
կասկածէ
դուրս
է,
թէ
ինչպէս
նոր
բոլոր
թուղթերը
կը
ձգտին
ապացուցանել,
միւս
ոճրագործը,
բոլորովին
անփորձ
պատանի,
այս
դաւաճաններուն
հրահանգովն
է,
որ
կատարած
է
իր
վայրենի
արարքը։
Ուրեմն
ժողովը
համամի՞տ
է,
որ
հարցաքննութիւնը
առնէ
այդ
ուղղութիւնը։
-Հա՜յհա՜յ։
Մարդիկ
միշտ
պատրաստ
կօշիկն
ու
կարծիքը
պիտի
հագնին,
երբ
իրենցը
չունին։
Ժողովականներէն
պատուիրակ
փաշան
թեթեւ
մը
կնճռոտեց
խաղաղ
ճակատը։
Բայց
չանցաւ
այդ
վերապահումը
աւելի
անդին։
-Թարգման
էֆէնտի,
հարցուցէք
ատոնց,
թէ
իրենց
թելադրութեան
արդի՞ւնք
է
Ս.
գիւղին
մէջ
կատարուած
հրձիգութեան
եւ
սպանութեան
կրկնակ
ոճիրը։
-Մենք
չենք
ճանաչում
նրան։
-Որո՞ւ։
-Նրան։
-Բայց
մենք
անուն
չտուինք։
Ո՞վ
է
նա
ն։
-Հասկնալի
է,
էլի՛։
-Ատիկա
արդէն
կ’ապացուցանէ,
թէ
կը
ճանչնաք
զայն,
թէ
թելադրողը
դուք
էք,
ինչպէս
վախցնողը։
Ասկէ
զատ,
ոճրագործը
արդէն
խոստովանած
է,
որ
քոմիթային
կնիքովը
մահավճիռ
էք
կարդացած
անոր
ու
սպառնացած
սպաննել
զինքը,
եթէ
անսաստէ
ձեր
որոշումը։
-Մենք
էդ
տղան
չենք
ճանաչում։
-Այդ
ուրացումն
իսկ
կ’ապացուցանէ
ճիշդ
հակառակը։
-Էդ
էլ
ձեր
գիտութիւնը։
-Դուք
քոմիթա
չէ՞ք։
-Ի
հարկէ։
-Այն
ատե՞ն։
-Բայց
մենք
էդ
չենք
ուրացել
սկի
առաջին
րոպէից։
-Լաւ։
Ո՞ր
քոմիթային
կը
պատկանիք։
-Կոմիտէին։
-Հասկցանք։
Հնչա՞կ,
դաշնա՞կ։
Ո՞ր
մէկուն։
-Կոմիտէին։
-Հայվա՜ն։
-Ի
հարկէ…
-Հնչակ,
դաշնակ
նոյն
շունին
լակոտներն
են,
պէյէֆէնտի։
Իմ
կարծիքով
պէտք
է
գոհանալ
այսքանով։
Ժողովը
լսեց
այս
խոստովանութիւնը։
Այլեւս
իրենց
անձը
մեզ
չի
շահագրգռեր։
Կը
մնայ
ճշդել
անոնց
ոճիրներուն
շարքը,
գտնել
անոնց
ընկերները։
Ով
գիտէ
որքա՜ն
անմեղ
իսլամ
սպաննած
են
մինչեւ
հիմա։
Այս
միջամտութիւնը
ըրաւ,
մինչեւ
այդ
րոպէին
անխօս
երրորդ
ժողովականը`
նենգ
ու
գիշախանձ
դիմագիծով
մարդ
մը։
Միջահասակ
ու
գէրի
վրայ,
բայց
անհանգիստ
արտայայտութեամբ,
յաճախ
ժամացոյց
հանող։
Այս
անհամբերութիւնը
կը
յայտնէր
իր
մէջ
ժողովական
բարքերէ
իր
օտարութիւնը։
Մեծահարուստ
վաճառական
արմտիքի,
Ջարդերէն
յետոյ
յանկարծ
աճեցուցած
էր
իր
գործառնութեանց
շրջանակը,
արմտիքի
շուկայէն
տարագրելով
յանդուգն
հայերը,
ահաբեկումով
ու
գրաւումով։
Իր
յաջողութիւնները
զինքը
ըրած
էին
աւելի
պահանջկոտ
ու
կը
ձգտէր
սիսթեմ
ի
վերածել
իր
գործելակերպը,
տնտեսական
ջարդ
մը,
–
չորցնել
հայերուն
տնտեսական
աղբիւրները`
անոնցմէ
խլելով
իրենց
առուտուրի
շուկաները։
Լաւագոյն
միջոցներէն
մէկը
հայերու
երթեւեկին
համար
հնարուած
նոր
խստութիւննե՛րը։
Գաւառէ
գաւառ
անոնց
ճամբորդութիւնները
այդ
կազմակերպութեամբ
կ’ըլլային
փորձանուտ,
եթէ
ոչ՝
անհնար։
Մայրաքաղաք
մուտքը՝
վճռապէս
անհնար։
Մինչեւ
որ
բոլոր
նահանգները
որդեգրէին
այս
եղանակները,
անիկա
սկսած
էր
գործի,
օրինակը
տալով
իսկական
նուաճումին,
որմէ
ազատած
էին
այդ
կեավուրները
իրենց՝
թուրքերուն
անխելքութեամբ։
Այս
մտայնութեամբ
անմիջական
հետեւանքներ
չուշացան։
Օրինական
ու
ձեւական
գետնի
վրայ,
առանց
ոչ
ոքէ
անհանգիստ
ըլլալու,
սա
հալածանքը
պարպեց
Պրուսայի
շրջանին
ագարակները
իրենց
հայ
աշխատաւորներէն։
Այս
ագարակներուն
վարիչները,
ընդհանրապէս
վարժարան
աւարտած
հողագէտ
հայեր,
քշուեցան`
իրենց
գլուխները
հազիւ
ազատելով։
Վաճառականը
իր
կալուածէն
շուտ
տարածեց
ինքզինքը
դուրս։
Հետապնդումը
նկատի
ունէր
դրամի
տէր
հին
օրերը,
«խմորով»
հաճաղաները,
որոնք
հայ
գեղերու
մէջ
կը
վայելէին
կառավարութեան
վստահութիւնը,
գաւառակներու
տասնորդատուրքը
կապալով
գնող։
Փոքր՝
բայց
անդադրում
յարձակողականով
մը
զանոնք
նետեց
դուրս
ալ
գործառնութիւններէն։
Գիւղացիները
գրգռելով,
բողոքի
մղելով
ու
դատարան
քաշքշելով
անաստուած
կեավուրները։
Այս
յաջողութիւնները
անշուշտ
չուշացան
պաշտօնապէս
վարձատրուելէ։
Թուրքերը
խոր
ատելութեամբ
ու
անզիջող
վրէժով
մը
կը
դիտէին
քրիստոնեային
«ընծայուած»
դիւրութիւնները
–
դուք
հասկցէք
տարրական
արդարութիւն
–
միւսլիւմաններու
կողմէ։
Փոխադարձաբար
ամէն
կեղեքիչ
օր
մը
ազգային
բարերար
է
անոնց
մօտ։
Եղաւ
անիկա
–
նախագահը
նահանգին
առեւտրական
սենեակին,
նուրբ
կտաւով
մը
ֆէսը
երիզած,
ու
հազիւ
յօժարած
մէջքէն
հանելու
շալ
գօտին։
Անիկա
երկրին
բոլոր
աղբիւրներուն,
ի
մասնաւորի
ճարտարարուեստին
թրքացումը,
դեռ
այդ
օրերէն,
կը
դաւանէր
պետականքաղաքական
ձեռնարկ,
հաւասար
Ռումէլիի
գրաւման։
Առայժմ
տէրն
էր
արմտիքի
շուկային,
մեծատարած
խան
մը,
ութ
դուռներով,
քառակուսի
փոքր
գիւղակի
մը
մեծութեամբ,
ուր
ջորիներու
եւ
ուղտերու
կարաւանները
կը
ստեղծէին
մշտական
ամպ,
եւ
չափողներու
աղմուկը՝
մնայուն
դժոխք։
Ինքնաբուխ,
բռնակալ,
խորամանկ
–
անիկա
կործանեց
բոլոր
հայերը`
անոնց
արմտիքը
փտեցնելով
անձրեւի
եւ
արեւի
տակ։
Մրցակցութիւն
չէր
ասիկա,
այլ՝
վրան
բաց
աւազակութիւն,
զոր
կրօնքը,
ազգամիջեան
ատելութիւնը
կրողներու
միամիտ
մոլեռանդութիւնը
կը
տանէին
գեղեցիկ
ու
նենգ
թրքութեան։
Կառավարութիւնը
չէր
ուզեր
միջամտել
անոր
արգելքներուն,
պոյքոթ
ի
նախնական
ձեւեր
չխանգարելու
համար
անհատներու
ազատութի՜ւնը,
որ
այնքան
անկաշկանդ
կը
յարգուէր
օսմանեան
տէրութեան
բոլոր
սահմանումներուն
մէջ։
Անոր
մեծագոյն
մտահոգութիւնն
է
միջոցներ
ստեղծել
մետաքսի
ճարտարարուեստը
կորզելու
հայերուն
ձեռքէն։
Հանրային
Պարտուց
Ընդհանուր
վարչութիւնը,
կեավուր
եւ
ատելի
կազմակերպութիւն,
Պոլիսով
եւ,
մա՛նաւանդ՝
քանի
մը
կաթոլիկ
հայերու
ազդեցութեամբ,
հազիւ
կրցաւ
ահաբեկումը
արգիլել,
այսինքն՝
անոր
թրքական
ձեւը։
Իր
դրդումով
մանարաններ,
անոր
բանուորները
ենթարկուեցան
նախատինքի,
քարկոծումի։
Բայց
ռուսական
հիւպատոսին
ազդու
դիմումը
խեղդեց
այդ
շարժումը։
Արմտիքի
վաճառականը
չյուսահատեցաւ
սակայն։
Մրցումը
տարաւ
առաջ՝
կառուցանելով
չորս
հատ
մեծ
ու
նոր
տիպար
մանարաններ,
որոնց
վարչութիւնը,
աշխատաւորական
կազմակերպութիւնը
պարտաւորուեցաւ
«ժամանակի
մը
համար»
յանձնել
հայերու։
Հարկ
չկայ
աւելցնելու,
որ
այդ
առժամանակեայ
վարչութիւնը
պիտի
տեւէր
մինչեւ
տարագրութիւն։
Այս
պարտութիւնը
զայն
առաջնորդեց
ուրիշ
ձեռնարկներու։
Իր
դրամին
գործածութի՛ւնը
ատիկա։
Մեծաքանակ
ոսկի
կը
գնէր
ու
կը
ծախէր
իր
ինքնատիպ
դրամատան
մէջ,
ցորենի
խանին
մէկ
անկիւնը
փոշոտ
սենեակ
մը։
Անոր
նենգութի՜ւնը,
գրեթէ
աննշան
տոկոսով
դրամ
փոխ
տալու։
Խոզակի
բերքը
իր
առատ
ամսուն
հազարաւոր
ոսկիներու
կարօտ
կը
ստեղծէ։
Խորամանկ
թուրքը
տրամադրեց
իր
չոր
դրամը,
գրաւի
փոխարէն
ու
վճարումներու
պահուն
երեւան
բերաւ
իր
նպատակները։
Դատական
արագ
վճիռներով
–
դատաւորները,
մի
մոռնաք,
թուրք
են,
ու
պարտականը՝
հայ
–
անիկա
ծախեց
գրաւի
տակ
ապրանքները`
նեղը
ինկած
վաճառականները
տասը
ոսկիի
համար
սնանկ
հռչակելով։
Հաշիւի
ու
նենգութեան
մարդ՝
արագ
գործառնութիւններովը
ահ
տարածած,
ատելով
բոլոր
ոչթուրքերը,
ամէնէն
շատ
անշուշտ
հայերը,
այդ
Հարաճզատէ
Սէլիմ
էֆէնտին
խելքի
եւ
գործի
ընկերն
էր
Օսման
պէյին,
անոր
պէս
չմոռնալով
գոնէ
երկու
նամազ,
համրիչները,
հայհոյութիւնը,
մտասեւեռել
անգթութիւնները։
Ազգային
խնդիրներու
մէջ
անիկա
անխելք
էր
ու
միամիտ,
վասնզի
չունէր
ժամանակ
գոնէ
թերթ
մը
կարդալու,
թաղապետական
պարտէզին
քազինո
ն
քանի
մը
ժամ
քաղաքականութիւն
ընելու
եւ
լսելու,
ու
կը
հաւատար
ինչ
որ
թաղին
իմամը
կամ
ջարդուփշուր
մոլլա-քեաթիպները
կը
քշէին
իրեն,
հայերու
հասցէին։
Եւ
ունէր
կարծիքը
իր
ուղտապաններուն,
որոնք
այդ
կարծիքը
կը
բերէին
խուլ,
մռայլ
գեղերէն,
կուսակալութեան
տարանկիւն
վայրերէն,
ուր
հայն
ու
յոյնը
անծանօթ
են
իբր
ազգ
ու
հաւատք,
այնքան
փակ
է
հորիզոնը
այդ
մարդոց
միտքերուն։
Ուղտերու
փոխադրուած
այս
քաղաքական
իմաստութիւնը,
որ
հրաշքով
առաջնակարգ
կը
դառնայ
առեւտրական
սենեակի
նախագահներուն։
Հարցը,
որքան
ալ
տարօրինակ,
ունի
իր
զուարճալի
կողմը։
Թուրքիոյ
զանազան
քաղաքներուն
մէջ
վկայ
հարիւրէ
աւելի
վաճառատուններու
վարիչ
ու
զինադադարին,
այդքան
կործանումէ
ետքը,
տակաւին
մեծատաղանդ
անգլիացի
առեւտրականներու
հետ
յաջողութեամբ
մրցող
Իբրանոսեան
հաճի
Մարուքէ
աղան
չէր
գիտեր,
թէ
Պոլսոյ
մէջ
հայերէն
լրագիր
ըսուած
բաներ
ալ
կային։
Տիպարը
այս
մասնաւորումները
ունի
անտարակոյս։
Բայց
ասկէ
զատ
չմոռնալ,
որ
Հարաճզատէ
Սէլիմ
էֆէնտին,
այդ
կտաւին
վրայ
թուրք
ըլլալու
առաւելութիւնն
ալ
կը
բերէ։
Թուրքին
միամտութիւնը
կամաւոր
է
գուցէ։
Գուցէ
եւ
արդիւնք՝
քիչիկ
մըն
ալ,
իրենց
նախնական
ուղեղին։
Այնպէս
որ,
փաստուած
իրողութիւններ
էին
բոլոր
եղջերուաքաղները,
զորս
անոր
կը
մատուցանէին
մոլլաներն
ու
ուղտապանները,
մորթուած
եւ
եփուած
հազարհազար
իսլամներէ։
Պոլսոյ
ոստիկանութեան
նախարար
Նազըմ
փաշայի
յիշատակները
փայլուն
փաստերը
չբերի՞ն,
քառսուն
տարի
յետոյ
դէպքերէն,
թէ
կազմակերպողները
ի
վերջոյ
իրենց
հնարած
սուտերը
իրենք
շփոթած
էին
իրականութեան
հետ
եւ
Ջարդերու
վարիչ
նախարար
մը
իր
յիշատակները
գրի
առած
պահուն
ինքզինքը
կը
դարձնէր
այդ
օրերու
իրական
մտայնութեան։
Ի՛նչ
որ
գրած
է
Նազըմ
փաշան,
96ի
միտքերուն
հարազատ
հայելին
է,
անշուշտ
հզօր
կեղծիքով
մը
վարագուրուած,
ուր
չի
զօրեր
թափանցել
աչքը
նոյնիսկ
եւրոպացիներուն։
Եղան
ամերիկացի
միսիոնարներ,
որոնք
Ջարդերէն
յետոյ
պտըտեցան
մաքրուած
փողոցներէն,
ու
իրենց
թերթերուն
մէջ
գովեցին
թուրք
շուկաներուն
տիպար
մաքրութիւնը։
Անոնք
չկասկածեցան,
թէ
ջարդուած
քաղաքին
այս
սալարկներուն
վրայ
ժամ
մը
առաջ
մարդկային
արիւնը
հոսեր
էր
առատ։
Ու
այդ
արատը
սրբող
ջուրը
կը
սրբէր
նաեւ
ոճիրը
այդ
մարդերուն։
Հարաճզատէ
Սէլիմ
էֆէնտին
կրկնեց
իր
հարցումը։
-Քանի՞
հազար
անմեղ
իսլամ
սպաննեցիք։
Այն
ատեն
թուրք
բառը
չունէր
այսօրուան
վարկը.
ընդհակառակն,
վիրաւոր
ալ
էր
եւրոպական
լեզուներու
մէջ
իր
խորհրդանշած
բարբարիկ
իմաստով։
-Եւ
ոչ
մի
հատ։
-Քանի՞
հազար
անմեղ
մանուկ
պարկերու
մէջ
դրած
ծով
թափեցիք։
-
…
-
Քանի՞
հազար
ծերեր
սղոցեցիք։
-…
Դժնդակ
այս
հարցաքննութի՜ւնը,
որ
կը
նեղէր
ունկնդիրները,
ո՛չ
անշուշտ
ամէնուն
ծանօթ
իր
հոյակապ
սուտովը,
այլ՝
թերեւս
անբանութեանը
համար
բարձր
ատեանի
մը
ժողովակիցին
կողմէ։
-Հայվա՜ն,
տղայ
կը
խաբէ,
լռելով։
-Էդ
էլ
ձեր
գիտնալիքը։
Մաթիկը
նուրբ
էր
իր
այս
հեգնութեան
մէջ,
զոր
ուղտապաններէ
դաստիարակուած
սա
վաճառականը
հեռու
էր
նոյնիսկ
կասկածելէ։
-Ի՞նչ
էր
ձեր
նպատակը
այս
կողմերը
գալով։
-Գիտէք։
Մաթիկը
լաւ
չէր
գիտեր,
թէ
ինչու
կը
պատասխանէր
այս
ցնդաբանութիւններուն,
ի՛նք՝
որ
«կուշտ»
էր
«էդ
ամէնից»։
Պա՞հը,
ներքին
ազդմո՞ւնք
մը,
խօսելու
պահա՞նջ
մը։
-Ի
հարկէ
գիտեն։
Շոյեց
մօրուքը
Օսման
պէյզատէ
Օսման
պէյը։
-Օսմանեան
արդարութիւնը
քարերն
անգամ
կը
հանէ
լեզու,
եթէ
կամենայ։
-Այդ
մէկն
էլ
ճիշդ
է…
Թեթեւ
ժպիտով,
որ
վատ
տպաւորեց
ժողովականները։
-Ինչո՞ւ
կը
լռէք։
-Որ
գիտէք…
-Գիտենք
անշուշտ,
բայց
օրէնքը
կ’ուզէ,
որ
լսենք
ձեր
բերանէն։
-Մեր
բերանին
տեղ,
կարդացէք,
էլի՛,
էդ
մարդուն
սեւացրածները։
-Ուրեմն
ճի՞շդ
է,
որ
դուք
եկած
էք
հոս,
կազմակերպութիւն
կատարել,
օսմանեան
հայրենիքին
մէկ
մասը
հանելու
համար
օսմանեան
իշխանութենէն
եւ
կազմելու
անջատ
կառավարութիւն։
Անկախ
Հայաստանին
մէջ։
Մաթիկը
տրտում՝
շրջեց
աչքերը
գետին։
Անհուն
հեգնութիւն
կար
հազարապետ
փաշային
բանաձեւած
սա
հարցումներուն
մէջ։
Հարցը
տուողը
գիտէր
ատիկա։
Ու
գիտէր
նաեւ
անոր
ազդեցութիւնը
յեղափոխականներուն
վրայ,
պոլսական
իր
փորձառութեանց
մէջէն։
-Ունի՞ք
այդքան
ուժ։
Հաստ,
իրա՛ւ՝
Օսման
պէյզատէն
իր
հարցումին
մէջ,
որ
չէր
հասկնար
քաշքշուքը
իր
ընկերոջ։
-«Ունին
իրենց
սիրտերը»։
Ժողովականները
կրկին
չհասկցան
պատուիրակ
փաշային
այս
նախադասութիւնը,
որ
յիշատակ
մըն
էր
անոր
մէջ
միամիտ
մշեցի
յեղափոխականէ
մը։
Բեռնակիրը,
հաւատաւոր,
արդէն
մահուան
լոյսերուն
մէջը,
դանակին
տակ
լռելէ
առաջ,
«ո՞ւր
է
ձեր
ուժը»
հարցումին
ցոյց
տուած
էր
իր
սիրտը`
ընդունելու
համար
նոյն
րոպէին
դաշոյնին
սայրը
ճիշդ
սրտի
տունին։
Պատկերը
չէր
մոռնար
անիկա։
-Ճի՞շդ
է,
որ
այդ
նպատակին
համար
ղրկուած
էք
հոս.
դրամ
կը
հաւաքէք,
որ
զէնք
ու
թնդանօթ
գնէք.
մեզի
հաւատարիմ
հայերը
մեր
դէմ
կը
գրգռէք
ու
անոնց
փճացումին
պատճառ
կը
դառնաք։
Դուք
չէ՞ք
վախնար
Աստուծմէ,
որ
հաշիւ
պիտի
պահանջէ
ձեր
ոճիրներէն,
մեզմէ
ետքը,
ձեր
«մունտառ»
հոգիներէն։
Այս
հարցումները
եւ
մտածումները
կը
պատկանէին
Օսման
պէյին։
-Ասացէք,
խնդրեմ,
ի՛նչ
բանի
համար։
-Անմեղ
մարդերը
փճացնելնուդ
համար։
-Ախր,
մենք
չենք
մեր
ազգակիցները
սպաննողը։
-Ով
է
եա՜։
-Դո՜ւք։
-Մե՜նք…
Աստուա՜ծ
չընէ…
Աստուա՜ծ
չընէ…
Օսման
պէյը
շոյեր
էր
իր
մօրուքը։
-Բայց
պատճա՞ռը։
-Ո՜վ
երկնային
միամտութիւն,
ինչպէս
ասում
է
գաղիական
առածը։
-Ճի՞շդ
է,
որ
մարդեր
ունիք,
զինուած
ձեր
միջոցներով,
Պոլսոյ
մօտ
գիւղերու
մէջ,
որոնցմով
ծրագրած
էք
յարձակում
գործել
Պոլսոյ
վրայ։
-Ախր,
դո՞ւք
էլ
հաւատում
էք
դրան։
Էդ
էծմօրուքի
հնարած
իմաստութիւնն
է…
-Հարցը
հոդ
չէ։
Մենք
կը
հարցնենք
քեզի.
ճի՞շդ
է,
որ
գրաւել
կ’ուզէք
Օսմանեան
Պանքան։
-Երկրո՞րդ
անգամ։
-Ինչո՞ւ
չէ։
Սո՞ւտ
է
ուրեմն,
որ
կ’ուզէք
գրաւել
Եըլտըզի
պալատը։
Մաթիկը
ժպտեցաւ։
-Եթէ
ոչ
պալատը,
գոնէ՜
մայրաքաղաքը։
Եթէ
շարունակէք
հարցնել
էդ
ուղղութեամբ,
լռում
եմ։
-Լռութիւնը
հաւաստում
կ’ընդունի
մեր
օրինագիրքը։
-Էդ
լաւ
ասացիք։
Ասացէք
խնդրեմ,
ձեր
էդ
օրինագիրքը
տրամադրո՞ւմ
է
մի
ինչոր
պատիժ
եղջերուաքաղի
համար։
Եթէ
այո՛,
պահանջում
եմ
հենց
էս
րոպէիս
նրան
գործադրութիւնը
ձեր
բոլորին
նկատմամբ։
-Մենք
քեզ
կը
հարցաքննենք։
Քու
իրաւունքը
միայն
մեր
հարցումներուն
պատասխան
տալն
է։
Հարաճզատէ
Սէլիմ
էֆէնտին
ամէնէն
նշմարելի
արարողութեամբ
մը
ժամացոյց
նայեցաւ։
Գործի՜
մարդ։
Կը
մեղքնար
անցած
թանկ
վայրկեաններուն։
-Ճի՞շդ
է,
որ
ձեր
ծրագիրներուն
մէկ
մասին
գործադրութեան
համար
ձեզի
օգնած
է
Ս.
գիւղին
մուխթարը։
-Էդպիսի
մէկը
չենք
ճանաչում։
-Ճի՞շդ
է,
որ
պոմպա
եւ
տինամիթ
բաշխած
էք
գիւղացիներուն։
-Էսպիսի
բան
հենց
էդ
էծմօրուքն
ալ
չէր
հնարած։
-Ճի՞շդ
է,
որ
խաղողի
կողովներուն
տակ
դրած
էք
այդ
անիծեալ
զէնքերը։
-Հարցուցէք
միւսթանթիգ
էֆէնտիին։
-Ու
Եալովայէն
փորձած
էք
այդպէս
բեռնաւոր
նաւերը
քշել
Պոլսոյ
վրայ։
-Մենք
Եալովա
չենք
եղել։
-Ճի՞շդ
է,
որ
ծակած
էք
սերկեւիլները
եւ
վարպետութեամբ
մէջը
լեցուցած
տինամիթին
փոշին։
-Ա՛խր,
ինչե՜ր
էք
հնարում,
ձեր
տունը
չքանդուի…
-Ճի՞շդ
է,
որ
թնդանօթ
ձուլելու
արհեստը
սորվեցուցած
էք
Թորոս
օղլու
Թորոս
դարբինին։
-Քրուփի
ֆապրիկների
մոտէլներից
անշուշտ։
-Ո՞վ
է
ադ
Քրուփը։
-Հարցրէք
փաշաներին,
որոնք
Գերմանիա
են
եղել։
-Դարբին
Թորոսը
ինքը
խոստովանած
է
արդէն։
-Էն
ո՞ր
առիւծն
է,
որ
չէ
խոստովանած
ինչ
որ
ուզել
էք
դուք,
միւսթանթիգ
էֆէնտի։
-Դարբին
Թորոսին
վկայութիւնը
հաստատուած
է
Տէլի
փազան
օղլու
Տէլի
Ստեփանին
ալ
կողմէ։
-Չենք
ճանչնար
էդպիսի
մի
Ստեփան։
-Կառապանը,
որուն
կառքը
ունէր
զոյգ
ձի,
մէկուն
գոյնը
սրճագոյն,
ճակտին
ճերմակ
պիսակով,
միւսինը՝
սեւ,
առանց
պիսակի։
Կառքն
ալ՝
գնուած
Պրուսայէն
Արաբզատէ
Ահմէտ
աղայէն։
Հազարապետը
տրտում,
աչքով
չափեց
շատախօս
դատաւորը,
որ
չէր
հասկնար,
թէ
ծիծաղելի
էր
եղած։
-Որ
ձեզ
պտըտցուցած
է
Իզնիկի
լիճին
երկու
ափերու
բոլոր
կեավուր
գիւղերը։
-Մենք
կառք
չենք
նստել։
-
Նալէ՜թ
քէօր
շէյթան
…
նալէթ…
Պարբերութիւն՝
որ
կը
փոխարինէր
միւսթանթիգ
էֆէնտիին
շրթները
հասած
հայհոյութիւնները,
երբ
ըլլային
ասոնք
չափազանց
անպատկառ։
-Ճի՞շդ
է,
որ
Ս.
գիւղին
Փ
ափազ
էֆէնտին
ձեզ
վռնտած
է
իր
տունէն։
-
Չենք
տեսել
նման
մարդ։
-
Հընզը՜ր։
Տղայ
կը
խաբէ։
Միւսթանթիգ
էֆէնտին
հազաց
խոշոր։
Բերանը
չորցեր
էր։
Բայց
շարունակեց
պեխերուն
թուքը
ափովը
չորցնելէ
յետոյ.
-
Ճի՞շդ
է,
որ
Սուղում
օղլու
Սուղումը
ձեր
հրամանը
գործադրած
է,
սպաննելով
տէրութեան
հաւատարիմ
Նալպանտ
օղլու
Սերոբէ
էֆէնտին։
-
Չենք
ճանաչում
էդպիսի
մարդ,
ասել
ենք
մի
անգամ։
Ինչո՞ւ
կրկնւում
է
նորից։
-
Հայվա՜ն։
-
Այո՛։
Հզօր
այս
հաստատականը,
որուն
հեգնութիւնը
զգացողը
հազարապետ
փաշան
էր
միայն,
քիչշատ
հայերէն
բառեր
ճանչնալուն,
որոնցմէ՝
այդ
այո
ն։
-
Ըսէք
անո
ւ
նները
անոնց,
որոնք
Քաֆքասէն
ձեզ
հոս
ղրկեցին։
Ու
անոնց՝
որոնք
ձեզ
հոս
բերին։
-
Մենք
ենք
եկել։
-
Ի՞նչ
միջոցներով
եւ
որո՞նց
առաջնորդութեամբ։
-
Մեր
ոտքերով։
-
Նորէն
հո՜ն,
ուրկէ
որ
սկսած
էինք։
Քար
ըլլայ
մարդ,
կը
ճաթի
այս
քեաֆիրներուն
դէմ։
Սուքիաս
էֆէնտին
իր
նախաձեռնութեամբը.
-
Սխալ
կ’ընէք
լռելով,
պարոն
Մաթիկ։
Խոստովանութիւնը
կ’ըլլայ
աւելի
օգտակար։
-
Ուրիշ
բան
չենք
գիտեր։
-
Մտածեցէք
լա՛ւ։
Անսահման
է
մեր
օգոստափառ
կայսեր
գութը,
կը
կրկնեմ
ասիկա։
-
Ես
ասացի
իմ
բոլոր
ասելիքները,
ազնիւ
հայրենակից,
ու
լաւ
է,
որ
լռէք։
Ահա
ես
լռում
եմ։
-
Հայվա՛ն։
Միւսթանթիգ
էֆէնտին,
երկար,
համոզուած,
ու
արձագանգուն,
թուքերը
թռցնելով
թուղթերուն։
Պաշտօնական
ատեանի
մը
առջեւ
ամէնէն
անմեղ
որակակա՜նը։
Փորձառաբար
կը
ճանչնար
արժէքը
Մաթիկի
սպառնալիքին։
Անգամ
մը
այդ
որոշումը
տալէն
ետքը,
հընզըրը
հոգին
կու
տար,
բայց
ոչ
մէկ
բառ։
Ջորիէն
աւելի
դիւրին
էր
լեզու
ստեղծել,
քան
այդ
ճանավար
ներէն։
Դատավարութիւն
չէր
անշուշտ
սա
բացառիկ
ժողովը,
որ
կը
գումարուէր
տնավարի
ձեւերով
եւ
ճնշումին
տակն
էր
Պոլսոյ
իմաստուններուն։
Անգամ
մըն
ալ
հազարապետ
փաշան
հաստատեց
ատիկա
ինքն
իր
մէջ։
Իրմէն
զատ
միւս
ժողովուրդներն
ալ
իրենք
զիրենք
կը
նկատէին
անկայուն
հողի
մը
վրայ.
ու
ասիկա
անոր
համար,
վասնզի
ամէնուն
մտքին
մէջ
վճիռը
որոշ
էր
սա
հայերուն։
Վարչական
եղանակը,
սիրական
բանաձեւ,
ատիկա
կը
թելադրէր
իրենց
դեռ
սա
մարդոց
ձերբակալման
օրէն
իսկ։
Յապաղած
էր
վճիռին
գործադրութիւնը
նոր
յայտնութեանց
յոյսով։
Ոստիկանութիւնը
բախտաւոր
չէր
եղած։
Այնպէս
որ,
հոս
կատարումը
տեսակ
մը
դիմակահանդէս
էր,
գոհացում
տալու
համար
Պոլսոյ
պահանջին։
Հազարապետ
փաշան
միայն
հետզհետէ
կը
համակրէր
Մաթիկին,
որուն
սրամտութիւնը,
պարզութիւնը,
վճռականութիւնը
տպաւորեցին
զինքը։
Մինչ
հարցաքննութիւնը
կ’ընթանար
սա
ցատկտուն,
անլուրջ
ձեւով,
անոր
մտքին
մէջ
կը
ճշդուէր
երկրորդ
տիպարը
յեղափոխականին,
խելացի
եւ
վճռական,
որ
մինակ
գեղեցկութիւնը
չունէր
եսին
հոգեյատակ։
Այդ
տղուն
մէջ
ուշագրա՛ւը՝
ձեռներէց
ոգի՛ն,
որ
զայն
բերած
էր
հոս,
Կովկասէն
`
այնքան
լաւ
կազմակերպուած
ոստիկանութեան
մը
ուռկաններէն
անցնելով
անվնաս։
Այդ
ոգին,
դժուարութեան
դէմ
աւելի
եփուն,
աւելի
վստահ,
մօտիկն
էր,
եթէ
ոչ
աւելի
ան
միւսներուն,
որոնք
96ին
դէպքերուն
յարձակում
էին
ըրած
Օսմանեան
Պանքային
վրայ։
Կուսակալները
այդ
օրերէն
ասդին
խորացուցած
էին
իրենց
հսկողութիւնները։
Ու
ահա
մարդեր,
որոնք
քսանէ
աւելի
կուսակալութիւն
կոխածանցած
էին
`
մօտենալու
համար
Պոլսոյ։
Խենթե՞ր,
այս
մարդիկը,
թէ
իսկապէս
կազմակերպութեան
մը
պատկանող
առաքեալներ։
Հազարապետը
չէր
կրցած
վճռական
որոշումի
մը
յանգիլ։
Հարցաքննութիւնը
ոչինչ
էր
տուած։
Հազարապետը
գիտէր
ատիկա։
Քանի
մը
տարի
ետքը,
Եըլտըզի
դէպք
ին
թուրքերը
որդեգրեցին
աւելի
շահեկան
մեթոտներ,
որոնց
կազմաւորումին
մէջ
դեր
ունեցաւ
հազարապետ
փաշային
սա
անդրանիկ
վրիպանքը։
Անոր
մտքին
մէջ
մարմին
եղաւ
իր
փափաքը,
ճակատ
ճակատի,
նման
մարդոց
հետ
վարելու
լայն
խօսակցութիւն
մը,
որ,
կը
խորհէր,
պիտի
լուսաբանէր
երկու
ժողովուրդները,
աւելի
յստակ
իրար
չափելու։
-
Յետո՞յ։
-
Լռում
եմ։
Ու
եղաւ
միւսթանթիգ
էֆէնտիին
այնքան
մեծցուցած
լռութիւնը,
որ
կը
կոտրէր
բոլոր
կամուրջները։
Մարդուկը,
յուսակտուր,
դարձաւ
ժողովականներուն.
-
Վեսսելամին
ամին
։
Ձափռտո՞ւք
այս
ամէնը։
-
Գուցէ՜,
երբ
դատավարութիւն
ըսուած
հիւանդութիւնը
դնենք
ուրիշ
լոյսի
տակ։
Բայց
տարբեր
չեղաւ
հարցաքննութեան
եղանակը
յեղափոխական
դատող
ատեաններուն,
մա՛նաւանդ
գաւառներու
մէջ,
«Անկախութեան
դատարան»
անունով
ծանօթ
թուրքերուն
վերջին
ոճ
ր
ապատումէն
առաջ։
Ա
րագ,
կարճ,
իսկապէս
յեղափոխական,
այսինքն՝
այս
տիպարին
համար
ձեւուչափուած
արդարութիւնը
սա
դատաւորներուն,
որոնք
իրենց
խղճին
հնազանդելու
երդումը
տալէն
ետքը,
կնքուած
պահարաններու
մէջ
իրենց
քննած
դատերուն
համար
Պոլսէն
ապագիր
վճիռ
կը
ստանային։
Ձափռտո՞ւք։
-
Դուք
գտէք
բառը։
Բացի
պատուիրակ
փաշայէն,
որ
պաշտօնակ
ա
ն
իր
պարտականութեան
հետ
ունէր
շահագրգռական
այլապէս
բարդ
տուեալներ,
ի
մօտոյ
մեզի
համար
պարզ,
միւսները
չնայեցան
իսկ
տղոցը
երեսին,
շէնքշնորհք։
Օսման
պէյին
ծեծը
թրքութիւն
է
պարզ
ու
բացայայտ։
Յանցաւորները
մեղքը
գործեր
էին
բռնուած
ըլլալու։
Անոնց
դատապարտութեան
մէջ
ոստիկանական
երանգ
մը
այդ
մարդիկը
չէր
կրնար
խանդավառել,
քանի
որ
չարչարանքը
առաջին
մէկ
օրէն
իսկ
մնացած
էր
ապարդիւն։
Եւ
ուրախ
էին,
վասնզի
յանցաւորներուն
օտարոտի
ծագումը
եւ
յիմարական
լռութիւնը
անօգուտ
կը
դարձնէին
ուրիշ
մաս
մը
աշխատանք,
արարողութիւն
եւ
զգուշաւորութիւն։
Հիւպատոսական
մարմին
մը
գոյութիւն
ունէր
այդ
քաղաքին
մէջ։
Ու
ֆ
րանսացի
հիւպատոսը,
քոմանտան
փաշային
յաճախակի
հիւրերէն,
բարեկամ
էր
նոյն
գիծով,
հայոց
առաջնորդին։
Հարցաքննութիւնը
կատարեալ
ձախողանք
մըն
էր։
Անկէ
առաջ,
քոմիթաներու
թղթածրարը,
ձերբակալուած
գիւղացիներուն
վկայութիւններովն
ու
ծննդաբանութեամբը,
հակասական
ու
յիմար,
կը
դառնար
իր
խակ
ու
արտառոց
նկարագրին,
որմէ
ջանք
էր
ունեցած
զայն
ազատել
հազարապետը
`
ջնջելով
մեծաքանակ
ապուշութիւն։
Նոր
հարցաքննութիւնը
վրիպած
էր
անով,
որ
չէր
բերեր
ոչ
մէկ
նպաստ,
Պոլսոյ
կողմէն
տրուած
հիմնական
հարցին,
–
այս
մարդոց
ետին
գործող
կուսակցութիւնը
երեւան
հանելու
տեսակէտէն։
Այս
ճամբով,
անլոյծ
էր
առաքելութիւնը,
պատուիրակ
փաշային։
Ուրե՞մն։
Քոմիթաները
այլեւս
տէրը
կը
դառնային
իրենց
կանխորոշ
ճակատագրին,
որ
մահն
էր,
կախովի
կամ
հեղձովի։
Թուրքերը
ատոր
ընտրութեան
մէջ
շատ
ալ
չեն
նեղուած։
Ջարդի
շրջաններուն,
սպանութիւնը
զուարթ
ու
քաղցր
պարտականութիւն
է,
զոր
կը
հատուցանեն
իրենց
հայրենիքի
ն,
հանդիսաւոր
ու
գեղեցիկ։
Միջնարարներուն,
սպանութիւնը
տնավարի
երազումն
մըն
է,
զոր
ոստիկանները,
զօրքը
առնուազն,
բանտարկեալները
կը
փնտռեն
յայտնի
հաճոյքով։
Վա՞խ։
Սուքիաս
էֆէնտիին
միջամտութիւնը
բան
չէր
փոխեր
այդ
մահուան
որոշումէն։
Վասնզի
Մաթիկին
ռուսահպատակութիւնը
անցած
էր
աննշմար
խելացի
քարտուղարէն։
Ճարտար
դիւանապետը
բաւական
թուրք
չէր,
այսինքն՝
չափազանց
հայ
էր,
քաղաքական
անցուդարձերէ
օգտուելու
իր
ապիկարութեամբը։
Մերինները
քիչշատ
դէմք
տուած
են
նոր
ժամանակներու
մեծագոյն
ասպարէզներուն։
Բայց
ոչ
մէկ
դիւանագէտ։
Այս
գիտութիւնը
չէ
յաջողուած
հայերուն,
որոնք,
այդ
մարզին
վրայ,
անճարակ
բանագնացներ
միայն
եղան՝
օտարներու
հաշուոյն
աշխատող։
Յետո՞յ։
Հազարապետ
փաշան
կը
կշռէր
եղանակը
այս
մարդոց
մաքրագործումին։
Այս
մտահոգութեամբը
անիկա
կը
զատուէր
իր
ընկերներէն,
վասնզի
կը
ճանչնար
մօտէն
իր
վեհապետը,
ու
անոր
խորշանքը
քաղաքական
աղմուկէ։
Բռնակալները
կը
նմանին
մութի
թռչուններուն։
Կը
նեղուին
լոյսէն
ու
ձայնէն։
Անիկա
կ’ուզէր
իր
գլուխը
քիչիկ
մը
հանգիստ։
Անոր
ուղեղէն
անցան
կարգ
մը
բաներ,
պղտոր
ու
անշրջագիծ։
Իրեն
այնպէս
թուեցաւ,
որ
այս
«սրբագրութիւնը»
(թուրքերէն
բառը՝
թէմիզ
)
ծրագրուած
էր
իր
մանրամասնութեանց
մէջ,
տեղովը,
ձեւովը,
մասնակցող
ոստիկաններուն
եւ
աւագ
դերակատարներուն
անունովն
ու
թիւովը։
Արդէն
անցողակի
անոր
հասցուած
էին
գլխաւոր
գիծերը
«ձեռք
առնուած
անհրաժեշտ
միջոցներուն»,
ինչ
որ
ոճրագործներուն
բարբառով
հոմանիշ
էր
մահուան։
Յետո՞յ։
Խուլ
ցաւ
մը,
պատուիրակ
փաշային
մէջ,
այս
մարդիկը
«առանց
պարպելու»
մահուան
յանձնելը։
Ասիկա
իրական
իր
պարտութիւնն
էր,
զոր
զգալու
մէջ
եղաւ
նուաստ
ու
արդար։
Այդ
մարդերը
կը
մեռնէին
ու
չէին
խօսեր։
Չէին
խօսած
միւսթանթիգներուն
եւ
Օսման
պէյերուն
մեթոտներովը։
Կը
մնար
միւսը,
նուազ
թուրք,
բայց
մեթոտ
մըն
էր.
-
Այս
մարդերը
հողին
ղրկելէ
առաջ,
փորձել
վրանին
տաճկական
քաղաքավարութիւնը։
Այս
տխուր,
միամիտ
որոշումը,
ժողովին
վրիպանքէն
յետոյ,
անոր
աչքին
ներկայացաւ
իր
ամբողջ
միամտութեամբ։
Հազարապետ
փաշան
թուրք
էր,
այսինքն՝
խորքին
մէջ
նանրահաւատ
ու
սնապաշտ,
որ
վարկ
կու
տայ
մինչեւ
այսօր
ժժմակներուն
եւ
փչողներուն։
Աւելի՝
Գերմանիա
ուսած
զինուորական,
այսինքն՝
չյոգնող
հետազննութեան
սիրահար
ոգիի
մը
պատուաստը
առնող։
Աւելի՝
մասնագէտ
ու
դասախօս
Արեւելեան
Խնդրին,
զոր
կը
դասախօսէր
զինուորական
վարժարանի
մը
մէջ,
Պոլիս,
գերմաններուն
մանրակրկիտ
հետեւութիւններէն
վեր,
անոր
մէջ
շահեկանութիւնը
այդ
հարցին
ետեւէն,
զոր
կ’ընդունէր
մահու
եւ
կենաց
խնդիր
մը
թուրք
կայսրութեան
համար։
Անոր
լուծումը՝
տիրապետումն
էր
Ասիոյ։
Այսպէս
ըմբռնուած,
Ասիոյ
Արեւմտեան
Ճափոններուն
համար
(ինչպէ՜ս
չեն
կշտանար
իրենք
զիրենք
կոչելէ,
եւրոպական
մշակոյթը
ազատելով
քրիստոնէութեան
հմայքէն
եւ
իսլամութիւնը
արժեւորելով
աւելի
քան
պուտտայականութիւնը
եւ
կռապաշտութիւնները
նիրբոններուն)
Արեւելեան
Խնդիրը
թուրքի
եւ
ռուսի
դարաւոր
գօտեմարտին
շարունակութիւնն
էր։
Ուր,
յաղթանակի
հնարաւորութիւն
մը,
թուրքերուն
համար
կը
դառնար
խնդրական,
առանց
զօրաւոր
պաշտպանութեան։
Գերման
բարեկամութիւնը,
որ
համիտեան
ռէժիմին
քաղաքական
ամենաբարձր
բարեխառնութիւնը
եղաւ,
արդիւնք
էր
այդ
տեսութիւններուն։
Անգլիական
քաղաքականութենէն
հեռացում
մը,
այդ
ռէժիմին
սկիզբները
անկարելի
(վասնզի
այդ
կրթութեամբ
տոգորուած
պաշտօնատարները
դժուար
կ’ըմբռնէին
այդ
փոփոխութեան
պէտքը,
մա՛նաւանդ
օգուտը),
հետզհետէ
պիտի
վերածուէր
կատարուած
իրողութեան,
երբ
սպաները
գերման
մեթոտներուն
հետ,
երկիրը
հերկող
քաղաքականութիւնն
ալ
Պերլինէն
Պոլիս
բերէր։
Ասիական
մեծագոյն
պետութիւնը,
թուրքին
ժառանգական
ոսոխը։
Ռո՜ւսը։
Անշո՛ւշտ։
Բայց
չէր
բաւեր
ատիկա
յեղյեղել
ու
հայհոյելով
գոհանալ
այդ
ժողովուրդին։
Պէտք
էր
զայն
ճանչնալ,
ինչպէս
կը
պահանջէին
գերմանները,
որոնց
լրտեսական
կազմակերպութիւնը
օժտուած
էր
ցեղին
յատուկ
մանրախոյզ
կատարելութեամբ։
Ամէն
սպայ,
գերման
մարզանքներու
մէջ
կը
սկսէր
ճանչնալ,
պարտաւոր
էր
ճանչնալ
այդ
ժողովուրդը։
Ու
թշնամին
ճանչնալու
ամէնէն
բնական
եւ
օգտաւէտ
եղանակը՝
տիրանալ
անոր
լեզուին
եւ
աւանդութիւններուն։
Գերմանիոյ
մէջ
հազարապետ
Մեհմէտ
պէյը
–
փաշա
չէր
տակաւին
–
երեք
տարի
խղճամիտ
հետեւող
մը
եղաւ
գերմաններէն
հաստատուած
ռուսերէն
դասընթացքին,
թանձր
ու
խճող
մեթոտներով,
որոնք
կը
կռթնէին
խորունկ
փորձառութիւններու
եւ
կը
յանգէին
անպայման
վրէպի՝
եթէ
գերման
ամենահաս
միտքը
խորհած
չըլլար
ուրիշ
ալ
ուղղութեամբ
`
այդ
լեզուն
հաճելի
ընծայելու
հաճոյասէր
թուրքերուն։
Գերման
սպարապետութիւնը
իր
տրամադրութեան
տակ
կը
պահէր
բանակ
մը
աժան
աղջիկներու,
Վարշավիայի
գռիհներէն։
Ասոնց
էր
վստահուած
ռուսերէնի
խօսելավարժութիւնը,
զոր
կը
սորվեցնէին
բաւական
դժուարութեամբ,
տրուած
ըլլալով
զգայարանքներու
այլամերժ
չկամութիւնը
հանդէպ
երկրորդական
նպատակներու։
Մեհմէտ
պէյը
դիւանական
ասպարէզի
կանխադիր
գիտուն,
սորվեցաւ
լեզուն
յամառ
աշխատանքով։
(Թուրքերուն
մեծամոլութիւնը
զանոնք
ոյծ
ըրաւ
օտար
լեզուներու
ուսումէն)։
Այդ
աղջիկները,
թաւշային
ու
նուաղկոտ
իրենց
հրապոյրներուն
մէջ,
հեշտանքի
նրբախոյզ
մասնագիտութեան
կը
միացնէին
ինչ
որ
թուրքերուն
պակսեցաւ
ամէնէն
աւելի։
–
Կին,
այսինքն՝
ընկերային
մթնոլորտին
մէջ
կին
շունչին
դերը
եւ
ազդեցութիւնը։
Այդ
աղջիկներուն
մէջէն
անիկա
հաղորդուեցաւ
ուժգին
ոգիի
խռով
ցանկութիւններու,
ռուս
միսթիքին,
որ
կիներու
հոգիին
մէջ
անսահման
նուիրում
է
հանդէպ
ստանձնուած
որեւէ
պարտքի,
ու
երիտասարդները
հազարներով,
բիւրերով
կը
հանդերձէ
մեծ,
այլասիրական
խոր
սպասներու։
Ռուս
Յեղափոխութիւնը,
հարիւրամեայ
իր
շրջափոխութեամբը,
ամենազօր
միսթիքն
է
բոլոր
քաղաքական
միսթիքներուն։
Զոր
ընդզգաց,
քան
թէ
հասկցաւ
Արեւելքի
ամէնէն
դրապաշտ,
ամէնէն
քիչ
միսթիք
ժողովուրդին
մէկ
ներկայացուցիչը։
Պոլիս
դարձին,
անիկա,
միշտ
նոյն
ծրագրով,
չպակսեցաւ
ռուս
արթիսթներու
շրջանակէն։
Կը
խօսէր
անոնց
լեզուն,
օր
մը
զայն
օգուտով
գործածելու
համար
անոնց
դէմ։
Իր
մասնագիտութի՛ւնը։
Այս
ճամբով՝
անիկա
պիտի
հասնէր
հայերուն,
որոնք
իբր
քաղաքական
ազդակ
թէեւ
անկշիռ,
բայց
ռուս
ախորժակներուն
խայծ
ծառայելով,
կը
դառնային
տրտմօրէն
շահեկան։
96ի
դէպքերը
անոր
վարանումները
փարատեցին։
Անշուշտ,
դոյզն
չափով
մը
անիկա
չհաւատաց
հայերու
յեղափոխական
արժէքին։
Մեր
ժողովուրդին
դժբախտութիւնն
է
թափանցիկ
ըլլալ։
Թուրքերը
կը
յաւակնին
մեզ
ճանչնալ
մենէ
աւելի։
Ու
փարատոքսը
դառնօրէն
ճիշդ
է։
Մեհմէտ
պէյը,
նոր
ասպարէզ
իջած,
պոլսական
դէպքերուն,
պիտի
զարմանար
իր
տեսածներէն։
Այդ
իրար
մատնող
աղբարները
ռուսական
trempeով
հոգիներ
յայտնաբերեցին
իր
վարած
ատեաններուն
մէջ։
Աւելի՛ն.
անիկա
զգաց
միսթիքը
բանտերէն
եւ
«վարչապէս»
անհետանալու
դատապարտուած
զոհերէն։
Ու
ինչ
որ
չէր
գտած
թուրք
աղջիկներու
չափ
անխելք
լրտես
հայ
աղջիկներու
մէջ,
կը
գտնէր
ան
միւսներուն
մէջ,
որոնք
քսանէն
նոր
անցած
երիտասարդ
մահը
փնտռելու
իրենց
կատաղութեամբը
կը
յիշեցնէին
վարշավիացի
աղջիկներու
խորունկ
նուիրումը։
Ուսուցի՞չը։
Հիւսիսի
ա՛րջը։
Ու
այդ
արդար
տրամաբանութեամբ,
ռուսահայերը
ռուս
էին,
իրենց
հայութենէն
հեռացած։
Թշնամի՞ն։
–
Ռուսը
նորէն։
Այդ
հայերուն
ձեռքով
թուրքերու
հասած
ամէն
անախորժութիւն,
մահացու
արարք։
Հայկական
Հարցերու
մէջ
մասնաւորում
մը
տակաւին
կը
նշանակէր
ուրիշ
աշխարհի
մըն
ալ
ծանօթացումը,
–
հայ
գիւղացին,
Վանէն
ու
Տարօնէն,
ապառա՛ժ
ու
երկաթ,
որ
կը
մեռնէր
ու
«ազատութիւն»
կը
պոռար
`
հանդէս
բերելով
հոգեկան
անսպասելի
արիութիւն։
Քանի՜քանի՜
անգամներ
անոր
աչքերը
թրջեցին
այդ
հսկայ
բեռնակիրները,
երբ
շղթայակապ
ձգուեցան
ախոռի
մը
մէջ,
գլուխնուն
ութտասը
մորթող։
Անոնք
դանակներու
մխրճումին
առջեւ
աչք
իսկ
չթարթեցին,
ու
բացով
մեռան։
Հակառակ
իր
վճռական
հրահանգներուն՝
անիկա
չէր
յաջողած
մինչեւ
Պոլիս
բերել
հատուկոտոր
քոմիթաները,
որոնք
իբր
թէ
կը
բռնուէին
կայսրութեան
արեւելեան
սահմաններուն
վրայ,
Կովկասէն
ու
Պարսկաստանէն
Թուրքիա
մտած
ատեննին։
Սուտ
չէին
այս
խումբերը։
Հեռագիրը
կ’աւետէր
պատահարը,
ընդհարումը,
օսմանեան
զինուորներու
անյողդողդ
քաջութիւնը,
քոմիթաներու
խումբին
սպառսպուռ
բնաջնջումը,
բացի
պետէն,
մահացու
կերպով
վիրաւոր,
օր
մը
ետքն
ալ
անոր
մահը
գուժելով,
ձերբակալուած
վիճակին
մէջ։
Սովորական
բառերով
սովորական
այն
ողբերգութի՜ւնը։
Ուր
դեր
ունէին
քանի
մը
շէյխ,
փոլիս
էֆէնտիներ
եւ
վալի
փաշան։
Հեռագիրը
ուրիշ
եռանդով
կ’աւետէր
Պոլիս
ձերբակալումը
այն
միւսներուն,
որոնք
Վասպուրականի
եւ
Տարօնի
մէջ
կ’իյնային
ձեռք,
հաւատարիմ
«աղբար»ներու
ցուցմունքով,
բայց
դէպի
կեդրոն
քաղաքներու
ճամբու
հանուելէն
ետքը
կը
մեռնէին
բնական
մահուամբ,
բժշկական
այսինչ
համար,
այսինչ
թուակիր
տեղեկագրով
ալ
ստուգուած։
Հազարապետ
Մեհմէտ
փաշան
կ’ափսոսար
սա
անխելքութիւնը,
որուն
պատասխանատուն
պոլսական
սարսափն
էր,
ամէնօրեայ
արծարծումով,
վեհապետին
երակներէն,
ժուռնալներու
անձրեւով
մը։
Սխալ
էր,
պնդեր
էր
ադ
գաղափարին
վրայ,
կայսեր
հետ
իր
ժողովներու
ընթացքին,
յեղափոխութիւնը
պատժելը
վստահիլ
քիւրտերուն,
որոնք
ժողովուրդ
մաքրագործելու
մէջ
հոյակապ
ազդակ,
անյարմար
կռուողներ
էին
յեղափոխականներուն
դէմ։
Իրաւ
է,
թէ
քիւրտը
կը
ջնջէր
անձը,
բայց
չէր
չորցներ
թոյնին
արմատը։
Թուրքերը,
այն
օրերուն,
հեռանկար
ուխտի
մը
նման
խորհած
էին
Արեւելեան
Նահանգներու
մէջ,
իրենց
պապերէն
գործուած
մեծ
սխալը
սրբագրելու,
բայց
ատիկա
իրագործելու
համար
ընտրած
էին
դանդաղ
միջոցները։
Հազարապետ
Մեհմէտ
փաշան,
գերմանական
խղճմտութեամբ,
հարցը
իր
մատերովը
շօշափելու
համար
իջեր
էր
այդ
Արեւելեան
Նահանգները։
Թուղթը
այնպէս
կը
համեմատի
հողին,
ինչպէս
հեռագրուած
դէպք
մը
ապրուած
իրականութեան։
Հերոսութիւն
էր
անշուշտ,
լքել
փարթամ
մայրաքաղաքը
ու
պերլինեան
յիշատակները,
եւ
երկննալ
այդ
խուժ
Ասիային
մէջ,
որ
անոր
հոգին
ըրաւ
տխուր,
որքան
չէր
ըրած
ափրիկեան
Դարապլուսը,
իր
աւազակերտ
աքսորանքին
մէջ։
Հոն
աքսորուած
քաղաքական
յանցաւորները
ու
ժանգահար
մորթով
արաբները
աւելի
կ’արժէին,
քան
այդ
նահանգներուն
ոսկորոտ
քիւրտերը
ու
նոյնքան
բիրտ
ֆլա
ները
(հայերը)։
Ի
զուր
անիկա
հալածեց
ֆետայիները,
որոնք
կային
ու
չկային։
Կը
խօսուէին
ապրիլ
լեռներու
մէջ,
ուր
ամպեր
միայն
կը
մակաղէին։
Բայց
Մուշի
մօտերէն
անոնց
հրացանները
լսած
էր
անիկա
իր
ականջներով։
Իբր
քոմիթա
բերուած
գեղացիները
Պոլսոյ
ջրհաններուն
չափ
ալ,
բեռնակիրներուն
չափ
ալ
ինքնութիւն
չունէին։
Պարտուած՝
այդ
հողամասերուն
վրայ
իշխող
սա
եղերական
պայմաններէն,
մուրատը
չառած՝
անիկա
դարձաւ
Պոլիս։
Հայկական
Յեղափոխութիւնը
կրնար
ուզածը
փորձել,
չունէր
յանգելիք
կէտ,
վասնզի
քիւրտերը
բաւ
էին
այդ
ժողովուրդը
որեւէ
վայրկեանի
բնաջինջ
ընելու։
Միւս
կողմէ՝
այդ
յեղափոխութիւնը
վտանգաւոր
ուժ
էր,
Ա
րեւմուտքի
որքան
կը
մօտենար։
Եւրոպական
մեթոտներով
մարզուած
եւ
ռուս
դպրոցին
մէջ
կալվանիզէ
այդ
ոգին
կրնար
Պոլսոյ
մէջ
սարքել
մեծ
ձեռնարկներ։
Ահա
թէ
ինչու
անոր
հոյակապ
ծրագիրը
եղաւ
Պոլիսը
հնարել
զինուորական
գաղտնի
շրջանակ,
զոր
պաշտպանելու
էին
ծովէն,
Աթէնքէն,
հաստատելով
հոն
աչալուրջ
լրտեսութիւն,
երկաթուղիով
անոնց
հսկողութիւնը
վստահելով
փորձ
ու
իմաստուն
մարդոց։
Այս
կազմակերպութիւնը
արժանացաւ
վեհապետին
դրախտազեղ
գնահատման։
Մեհմէտ
փաշան
փոխեց
երկաթուղային
ոստիկանութիւնը
եւ
հաստատեց
ամենախիստ
հակակշիռ,
ճամբորդներու
արձանագրութիւն,
պանդոկներու
տետրակներ,
գաղտնի
ստուգում,
–
միջոցներ,
որոնք
Պոլիս
մտնող
ճամբորդները
կ’ընէին
ծանօթ
ոստիկանութեան։
…Այս
ամէնէն
յետոյ,
մայրաքաղաքին
այսքան
մօտիկ
գաւառակի
մը
մէջ
քոմիթայի
մը
հարցը
իր
ամբողջ
կշիռը
կը
ստանայ,
երբ
վաւերական
տուեալներ՝
այսինքն՝ժուռնալէն
ետքը
մարդեր
փաստ
կենան։
Անոր
խանդավառութի՜ւնը,
Մաթիկին
անձէն։
Առաջին
այցելութեան
մէջ
իր
աճապարանքը
Պոլիս
դառնալու
–
վեհապետը
հեռագիր
հեռագրի
վրայ
կը
տեղար
–,
կէս
էր
թողած
իր
ձեռնարկը
`
մարդիկը
խօսեցնելու։
Իր
մեկնումէն
յետոյ,
տանջանքն
ու
փայտը
անցեր
էին
առաջին
գիծի,
խոստովանութեան
հարցին,
ու
ասիկա
հակառակ
կտրուկ
իր
հրահանգին,
որ
բռնութեան
միջոցները
կը
յանձնարարէր
յետաձգել
յուսահատ
պարագային։
Նեղուած
էր,
բայց
տրտմօրէն
համակերպած՝
ընդունելու
նոյնութիւնը
Արեւելեան
Նահանգներու
եւ
պոլսամերձ
քաղաքակիրթ
նկատուած
վայրերու
ոստիկանութեանց։
Արհեստի
խղճմտութիւն
մը
կայ,
կարգ
մը
ասպարէզներու
մէջ։
Ոստիկանութիւնը
ատոնց
ամէնէն
փաթեթիք
ը
կրնայ
նկատուիլ։
Հազարապետ
փաշային
համար
սա
վրիպանքը
անսփոփ
դառնութիւն
էր։
Անշուշտ
անիկա
չայցուեցաւ
միւս
դառնութենէն,
սա
մարդիկը
այս
գիշեր
իսկ
խողխողել
զիջելով
իր
ընկերներուն,
տակաւին
ժողովէն
առաջ։
Ատիկա
պետական
զգայարանքը
կը
թելադրէ
ամէն
զինուորականի։
Բայց
հետաքրքրութի՞ւնը։
Սա
մարդիկը
խօսեցնելու
խորունկ
հեշտա՜նքը։
Ու
մշուշ
էր
անոր
ուղեղին
մէջ։
…
Երբ
յայտարարեց
անիկա
հարցաքննութիւնը
դադրած,
որոշում
տուած
էր
առանձին
ըլլալու
Մաթիկին
հետ։
Ժամը
կը
թուէր
յառաջացած։
Կը
սպասուէր,
ամէն
ինչ
վեհապետին
փափաքին
համաձայն
կատարած
ըլլալու
համար,
Օսման
պէյին
բարեկամ
շէյխ
Սապիթին,
որուն
ծանօթացումը
ըրած
էր
օր
մը
առաջ,
Պոլսէն
տրուած
հրահանգին
համաձայն։
Մարդկային
կորովին
մեծ
տեսաբան
գերմանները
իրեն
սորվեցուցեր
էին
չարհամարհել
կրօնական
տարրը
Արեւելքի
մէջ,
ուր
անիկա
խտացած
ուժ
մըն
էր,
շահագործելի՝
քաղաքական
նպատակներու
համար։
Շէյխերը,
մոլլաները
աւելի
կ’արժէին
գուցէ,
քան
յիսնապետները,
հարիւրապետները։
Հազարապետ
փաշային
նշանացի
հրամանին
վրայ
–
թուրքերը
գաղտնիք
ղեկավարելու
ինքնուրոյն
գիտութիւն
մը
ու
ն
ին,
որով
կառավարած
են
իրենցմէ
գերազանց
մշակոյթով
եւ
իմացականութեամբ
ժողովուրդներ
–,
մեծ
քաղքավարութեամբ,
թէմէննահով,
ժպիտով
դուրս
առաջնորդուեցաւ
«ազնուազարմ»
թարգման
Սուքիաս
էֆէնտին,
որուն
ներկայութիւնը
արդէն
աւելորդ
տրամին
այս
առաջին
արարին
(փաշան
ընդդիմացած
էր,
բայց
տեղի
տուած
ընկերներուն
պնդումին,
որոնք
լիակատար
վստահութիւն
ունէին
քեաթիպին
տաճկասիրութեանը
վրայ),
անտեղի
կը
դառնար
երկրորդ
վարագոյրին
համար։
Ժողովը
պատուիրակ
իր
անդամին
բերանով
մասնաւոր
շնորհակալութիւն
կը
յայտնէր
այն
իսկապէս
հայրենասէր
եւ
իմաստուն
ծառայութեան
համար,
որ
մատուցուած
էր
իսկապէս
հայրենասէր
եւ
իմաստուն
ու,
մա՛նաւանդ՝
«ազնուազարմ»
թարգման
էֆէնտիէն։
Ցաւ
էր
անշուշտ,
որ
իր
բարձր
եւ
օգտաւէտ
միջամտութիւնը
չէր
հասած
ակնկալուած
արդիւնքին։
Բայց
«Սեւին
սապոնն
ինչ
օգուտ»ը
հայկական
առած
էր,
զոր
լսե
ր
էր
ինքը
իր
ասպարէզին
մէջ,
շատ
մը
բերաններէ։
Որքա՜ն
լաւ
պիտի
ըլլար,
եթէ
քոմիթաները,
իրապէս
սիրէին
իրենց
ժողովուրդը,
յայտնելով
բաներ,
որոնց
առաջքը
առնելը
ծառայել
էր
հայ
ժողովուրդի
իրական
շահերուն,
ինչպէս
եւ
օսմանական
բարեխնամ
կառավարութեան։
Խորունկ
կսկիծ
էր
իրեն
համար,
անոնց
անուղղայ
յամառութիւնը։
«Յետ
այսու»,
անոնց
ոճիրը
այլեւս
կը
պատկանէր
Քաղաքական
դատարանին
(ամբողջ
երեսուն
տարի,
չեմ
իջնար
թուրքերուն
միահեծան
արդարութեան
դարերը
մինչեւ,
անոնք
ուրիշ
վարմունք
չունեցան
յեղափոխական
ամբաստանուածներուն։
Երբեմն
անոնց
պատճառաբանութիւնը,
հարցաքննումի
ձեւերը
եղան
աւելի
տղայական,
քան
ձաբռտուքը,
որ
վերը
արձանագրուեցան։
Անշուշտ
չեմ
միամիտ
արդարութիւն
որակելու
Ջարդերուն
յաջորդող
քանի
մը
շաբաթներու
խուժդուժ
վճիռները
պատերազմական
ատեաններուն,
որոնք
մարդկային
չեն։
Այդ
օրերուն,
ողջ
բռնուած
հայեր
մահուան
դատապարտեցին,
այսինքն՝
դատական
արարողութեամբ
ջուրի
խողովակներուն
սեւ
դիրտը
վառօդ
յայտարարելով,
ըստ
գիտական
տեղեկագրի
քիմիակիր
(տարրաբան)
փաշաներու։
Թնդանօթի՜
նոր
խողովակներ
էին
անոնք,
պաշտօնապէս
մկրտուած
իրենց
նոր
ասպարէզին,
ռումբեր
արձակելու
խաղաղ
իսլամ
բնակչութեան
վրայ։
915ին
վաթսուն
տարեկան
բժիշկ
մը
կախեցին,
վասնզի
տարի
մը
առաջ
Պոլիս
տպուած
հայ
օրաթերթի
մը
մէջ
հայ
բանաստեղծ
մը
գովեստն
էր
ըրեր
լեզուին,
ոտանաւոր։
Այդ
գովեստը,
տարի
մը
ետքը,
կը
նշանակէր
թուրք
նախատել։
Այլապէս
ինչու
պահուէր
այդ
ոտանաւորը
բժիշկին
կողմէ։
Այսպէս,
914ին,
արտօնուած
թերթի
մը
մէջ
ոտանաւոր
մը,
915ին
մահուան
զօրաւոր
փաստ
մը
կը
դառնար։
Անշուշտ,
915ի
արդարութիւնը
այլապէս
բարդ,
ահաւոր,
ցարդ
անծանօթ
գեղեցկութիւններ
ունի,
որոնց
մեր
պարտքն
է
անդրադառնալ,
երբ
մեր
պատմութիւնը
մօտենայ
այդ
տարիներուն)։
Սակայն
այնպէս,
Սուքիաս
էֆէնտին
յոյս
դնելու
էր
տակաւին
վեհափառ
Սուլթանին
մեծագութ
սրտին։
Այդ
յոյսը
թարգման
էֆէնտին
յատկապէս
յանձնարարուած
էր
զգալի
ընելու
մերհասա
էֆէնտիին,
որ
անշուշտ
պիտի
հետաքրքրուէր
այս
ստամբակ
իր
զաւակներուն
ճակատագրովը։
Ժողովը
ջերմագին
իր
շնորհակալութիւնները
կը
մատուցանէր
նաեւ
մերհասա
էֆէնտիին,
ինչպէս
փոխադարձ
բարեւ,
յարգանք,
մեծարանք։
Թուրքերը
մէկի
տեղ
երեք
բառ
կը
գործածեն,
երբ
կը
խաբեն
սիրազեղ
արտայայտութեամբ։
Հազարապետ
փաշային
ջերմ
փափաքն
էր,
մեկնելէ
առաջ,
բացառիկ
այցելութիւն
մը
տալ
մերհասա
էֆէնտիին,
որուն
հաւատարմական
զգացումները
բարձրօրէն
գնահատուած
էին
իր
ընկերներէն
եւ
որուն
ձայնին,
դեռ
չլսած,
իրապէս
իմացուած
ըլլալու
հաւաստիքն
ալ
զանց
չէր
ըներ
յայտնելու
թարգման
էֆէնտիին
միջոցով։
Փաղաքուշ
բառերու
սա
տարափին
ընդմէջէն,
որոնց
կ’ընկերանային
դէմքի,
ձեռքի,
մէջքի
նոյնքան
օծուն
ու
սրտառուչ
բեկումներ,
մարդուկը
դրուեցաւ
դուռ,
ուրկէ
երկու
ոստիկան,
նոյն
արարողութեամբ
ինկան
անոր
առջեւ։
Նրբանցքն
ի
վար,
քիչ
հետաքրքիր,
քիչիկ
մըն
ալ
կամար
կռնակ,
զոր
լայնկեկ
փարտըսիւ
ն
չէր
յաջողեր
մեղմել՝
անիկա
կը
քալէր,
բարեւելու
համար
լ
ա
րուած
մարդամեքենայի
մը
նման,
փնտռելով
շուք
մը
դէպի
ան
կործելու
հասակային
բարեւը
սողացողին։
Այսպէս
կը
յարգեն,
յարգելու
էին
մարդիկ
իրենց
ականջներուն
մատուցուած
իմաստուն
դասը։
Մատնիչը,
այս
գիծով,
դիւանի
հասած,
շուքի
եւ
մութի
արարած,
վերածուած
է
բացառիկ
տեսակէ
բանի
մը։
Ոսկորի
տեղ
դոնդող
կը
կրէ
ան
իր
հոգիին
մէջ,
որ
իր
կմախքը
ունի
մարմինին
նման,
ամրօրէն
ճարտարապետուած
մեր
ժառանգութիւններէն,
խառնուածքէն,
կեանքէն
առած
հզօր
հարուածներէն։
Անոր
մեկնումը
սա
մեծ
ատեանին
բերաւ
սպասուած
թեթեւացումը։
Հազարապետ
փաշան
հաճութեամբ
չէր,
որ
ընդունած
էր
այդ
հայուն
քիթը
այս
գործին
մէջ։
Հայու
մը
շունչը,
նոյնիսկ
մատնիչ,
ծանր
կը
կշռէ
այն
նիստերուն
մէջ,
ուր
թրքութեան
գերագոյն
շահերը
խնդրոյ
նիւթ
կը
դառնան։
Թուրքերը
մեր
մատնիչները
մեզմէ
աւելի
կ’արհամարհեն։
Հազարապետ
փաշան
Պոլիս
սորված
էր
չհաւատալ
այդ
մարդոց
ծայրայեղ
եռանդին։
Զիջած
էր
Սուքիաս
էֆէնտիին,
դարմանելու
համար
ինքնագլուխ
կարգադրութիւնը
Օսման
պէյին,
որ
հայոց
առաջնորդէն
հաւատարիմ
այս
թարգմանը
յատկապէս
խնդրած
էր
բացառիկ
թարգմանութեան
մը
համար։
Օդի
կարի՞ք
կար,
որպէսզի
երկու
փաշաները
երկարէին
դէպի
պատուհան
մը։
Բացին
անոր
զոյգ
փեղկերը։
Գաղջ
ու
թեթեւ
բան
մը
դիմաւորեց
անոնց
քիչիկ
մը
յոգնած
աչքերը։
Հոտեր
կան,
որ
կը
զարնեն
աչքերուն։
Նաւթը
ատոնցմէ
է։
Խօսակցութիւն,
լուրջի
մօտ,
որ
քիչքիչ
միւս
անդամներն
ալ
համախմբեց
հոն։
Դէմէն,
հինաւուրց
քաղաքին
մինարէները,
հատկըտուն
ու
ցրիւ,
կապոյտին
մէջ
տնկուած
սլաքներու
կը
նմանէին։
Նոճիներու
ուրուային
իլերը
ձգուած
տուներուն
ու
երկինքին
մէջտեղ։
Ու
հեռուի
շղթան,
ողորկ
կռնակով,
բարակ
մուխի
մը
մէջ
քո՜ւն։
Հազարապետ
փաշան
կ’ոգեկոչէր
կայսրութեան
առաջին
հերոս
իշխանները,
որոնք
այդ
շղթային
կոհակներուն
վրայ
իրենց
երիվարները
վազցուցած
էին
`
կրակի
տալով
գեղերն
ու
անտառները։
Եղաւ
լռութիւն։
Որմէ
յետոյ
ցածուկ
առաջարկ
մը։
Կու
գար
պատուիրակ
փաշայէն։
Որոշ
տհաճութիւն
մը
ընդունեց
զայն,
անոր
ընկերներու
դէմքին։
-
Ի՛նչ
հարկ,
փաշա
հազրէթլերի։
-
Ի
զո՛ւր
է,
փաշա
հազրէթլերի։
-
Մեր
պարտականութիւնը
կատարած
ենք։
Աւելին՝
ժամավաճառութիւն
է,
յոգնութիւն
եւ
զայրոյթ։
Հազարապետ
փաշան,
մեղմ
բայց
աննահանջ.
-
Անհրաժեշտ
է։
Չեմ
կրնար
այս
մարդիկը,
իրենց
գաղտնիքներուն
հետ
ճեննէթ
ղրկել։
-
Պիտի
բարկանաք,
փաշա
հազրէթլերի։
-
Պետական
մարդը
կը
ճանչցուի
ջիղերը
կառավարելու
իր
ճարտարութենէն։
Անիմաստ
է
այդ
զգացումը
մարդոց
դէմ,
որ
պիտի
մեռնին։
Մինչդեռ
շահ
է
մեզի,
եթէ
ուրիշ
մեթոտով
յաջողեցանք
փշուր
մը
բան
փրցնել։
Ստոյգ
է,
որ
շատ
գիտեն։
Ստոյգ
է,
որ
բռնութեամբ
ոչինչ
կ’ըսեն։
Թոյլ
տուէք
ինծի
գործածել
իմ
եղանակը,
որ
Պոլսոյ
մէջ
արդիւնաւոր
է
յայտնուած։
Խաբուած
ու
խոստովանած
մարդեր,
մահէն
ժամ
մը
առաջ
նոյնիսկ։
-
Դուք
գիտէք,
փաշա
հազրէթլերի։
Մեր
հաստատ
կարծիքով
գիտենք,
թէ
այս
փորձը
անպտուղ
է։
Բայց
քանի
որ
կը
պնդէք,
ձեզի
յաջողութիւն
մաղթելէ
զատ
չունինք
ընելիք։
-
Շնորհակալ
եմ։
Դուք
հոս
էք
արդէն։
Մինչեւ
շէյխ
Սապիթին
ժամանումը,
ես
աւարտած
կ’ըլլամ
իմ
պարտականութիւնս։
Դիակ
մը
երջանիկ
է
միշտ։
Միւսթանթիգ
էֆէնտին,
որ
չէր
առնուած
խմբական
սա
խօսակցութեան,
մանր
աչքերը
անդադար
կը
պտըտցնէր
կալանաւորներէն
պատուհանեան
խմբակին։
Անոր
դէմքին՝
յայտ
վիրաւորանք։
Իր
լքումը
զինքը
ըրաւ
նոյնիսկ
խոժոռ։
Ա
շխարհին
օրէնքն
էր։
Ինք
էր
աշխատեր,
ահագին
թուղթ
սեւցուցեր։
Ու
հիմա
մարդիկ
կը
գործէին,
իրենք
իրենց։
Հազաց,
ուժգին
`
մատենադարանին
ապակիները
թեթեւ
մը
դող
հանելով։
-
Միւսթանթիգ
էֆէնտի՞ն։
-
Չեմ
ուզեր։
-
Բայց
թարգմանը
ինչու
արձակեցիք։
-
Պէտք
չունիմ։
-
Ո՞ր
լեզուով
պիտի
խօսիք։
-
Ես
գիտեմ
զանոնք
լեզու
հանող
լեզուն։
-
Շատ
լաւ։
Ըրէք
այնպէս՝
ինչպէս
որ
կը
փափաքիք։
Մենք
հոս
կը
սպասենք
ձեզի։
Թեթեւ
այս
խօսակցութիւնը
դադրեցաւ
մեծ
այդ
մարդոց
դառնալովը
իրենց
աթոռներուն։
Պատուհանը
կը
մնար
բաց,
որուն
արտաքին
տախ
տ
ակեայ
վանդակին
մէկ
ստեղին
կարմրալանջ
թռչնիկ
մը
բի՜,
բի՜,
ծո՛ւ,
կ’ընէր
ու
կը
կենար
`
կտուցը
հարցականի
մը
պէս
զարնելով
ստեղին
ու
գլխիկը
երկարելով
ներս։
Պատուիրակ
փաշային
նշանացի
մէկ
հրամանը
հանեց
ոտքի
միւսթանթիգ
էֆէնտին։
Յետոյ
խօսեցաւ
մատով։
-
Շատ
լաւ,
փաշա
հազրէթլերի։
Միւսթանթիգը
դարձաւ
կրունկին
վրայ
ու
հրամայեց.
-
Դո՛ւրս։
Տասնապետ
եղած
էր
անիկա
եւ
կը
սիրէր
հրամայել։
Կալանաւորները
լսեցի՞ն։
Շարժեցան
սակայն։
Ամէն
անգամէ
աւելի
քիչ
նեղուելնուն
հակառակ,
անոնք
զգացին,
որ
յոգնած
էին
չափազանց։
Մաթիկին
քննող
միտքը
սեւեռեց
այս
զգայութիւնը
ու
ջանաց
բացատրել։
Միւս
կողմէ՝
մեծ
պայծառութիւն
մը
կը
տաղաւարէր
խոնջէնքի
այս
ծանրութիւնը։
Ժողովին
թաքուն
եւ
դաւադրական
ոգին
ազդա՞ծ
էր
անոնց
անգիտակից
զգայարանքներուն։
Կան
այս
բացառիկ
պահերը,
երբ
առանց
գիտնալու,
այսինքն՝
իմացապէս
լուսաբանուելու,
մենք
կը
հասկնան
ք
ինչ
որ
կը
սպասէ
մեզի
քիչ
անդին։
Հեռազգածութի՞ւն,
պայծառատեսութի՞ւն,
հոգեկան
տարբաղադրո՞ւմ։
Բառերը
շատ
են,
բայց
երեւոյթը՝
պարզ։
Շարժեցան
անոնց
հետ
շղթաները։
Ու
տարբեր
էր
օղակներուն
քսքսուքը։
Մեծ
սրահը
կը
թուէր
անգայտանալ,
ու
Մաթիկին
ուղեղէն
կը
թռչէին
իր
կեանքին
ծուէնները,
սեւ
ու
ճերմա՜կ,
թշուառական
թռչուններ,
ամէն
մէկի
կտուցին
պահ
մը
անհուն
այն
երազէն,
որ
անոր
օրերը
կը
շինէր։
…Առանց
քալելու,
որոշապէս
ճամբայ
ընելու
տպաւորութիւն
մը
աւելցաւ
այս
զգայախաբութեանց։
Առաստաղին
եւ
տախտակեղէնի
իւղաներկը
եւ
մատենադարանին
բարկ
ջնարակին
նաֆթային
ծանրութիւնը
զարկած
էին
անոնց
աչքերը,
որոնց
կոպերուն
կը
թուէին
մարդեր
նստիլ
ու
մուրճով
ծեծել
տակի
գունտերը։
Տեսակ
մը
թմբիր,
ընդդիմահար՝
ինչպէս
հրդեհի
գոլորշուտ
ծուխը։
Ու
գլխու
պտոյտ,
որ
անոնց
ոտքերը
կ’ընէր
անկայուն,
ոսկորները՝
հակ։
Քալեցին։
Նրբանցքին
խորերէն
օդը
զով
գգուանքով
անցաւ
անոնց
յօնքերուն
մօտէն,
ուր
ծանրութիւն
ու
տեսակ
մը
կրակ
կը
կոտտային,
բայց
չկրցաւ
ընել
անոնց
քայլերը
թեթեւ,
ինչպէս
կը
պատահէր
ատիկա
Վասպուրականի
թաքստոցներէն
ելլելէ
վերջ,
երբ
օ
րեր
տեւող
խուզարկութեանց
ընթացքին
ջղայնացած,
փոքրացած՝
հոգին
կ’ազատէր
տանիքներուն
ճնշումէն,
ողջունելով
բաց
օդին
սա
գգուանքը։
Հոս
երկաթը
կը
դիզուէր
աւելի
ու
աւելի։
Այս
ծանր
զգայութիւնը
գիծգիծ
բան
մը
կ’ըլլար
Մաթիկին
միսերուն
մէջը։
Մրջիւններու
արշա՞ւ,
գետնէն
կտրուելու
զգայախաբութի՞ւն։
Անոր
ձեռքերը
ասեղասեղ
կը
կճուէին։
Ու
անոր
գլխապտոյտին
կ’ընկերանար
վախ
մը
սրունքներէն
կոտրելու։
Ցաւի
այս
շեշտ
տպաւորութեանց
աղբի՞ւրը։
Թուրքերուն
ճնշումն
է
ատիկա,
որ
շէնքերէ
ներս
այնքան
հաստատ
բարեխառնութիւն
է
եղած
մեր
ջիղերուն
վրայ։
Ատոնց
ետեւէն
պատուիրակ
փաշան։
Նրբանցքին
ոստիկանները,
ուշադիր,
կոկ,
քաղաքավար։
Տպաւորիչ
անոնց
աշխուժութիւնը,
շարժումը,
մա՛նաւանդ
նայուածքը։
Դիւան
չըլլար
սա
երկար
ու
ընդարձակ
ստորնայարկը։
Քոմանտան
փաշային
կարգապահական
հրահանգները
ամենազօր
էին
պաշտօնատան
այդ
մասին
մէջ։
Ոչ
մէկ
քարտուղար
արտօնուած
էր
օրէնքով
գծուած
պահերէն
դուրս
երեւալու
նրբանցքին։
Դուռները
ամրան
խղդող
տաքերուն
իսկ՝
փակ։
Այս
նեղ
ու
լռին
ամայութիւնը
կը
յանգէր
խորքի
սանդուխին,
մարմար
ու
գեղեցիկ
կառոյց,
որ
վերնայարկ
կը
հանէր
ոտքերէն
առաջ
միտքը
անցորդին։
Ամայի՝
սանդուխը։
Կալանաւորները
քալեցին։
Բնազդը
կ’ուղղէր
անոնց
գնացքը
վասնզի
ոստիկանները
փաշային
ներկայութեանը
արձանացեր,
գամուեր
էին
դուռներու
կուշտին։
Ա
ռանց
դուրսին
թելադրութեան՝
Մաթիկին
քայլերը
հակեցան
դէպի
դուռը
սենեակին,
ուր
քշուած
էր
Սողոմը
ժամ
մը
առաջ։
Ու
կեցան։
Հազարապետ
փաշան
բաւակա՜ն
հոգեբան,
հասկնալու,
յարգելու
համար
բնազդին
ցուցմունքները։
Անիկա
անցաւ
առաջ,
համեստ,
քաղաքավար,
բարի,
մէկ
ձեռքին
թուղթի
տրցակ
մը։
Զարկաւ
մեղմ
դուռին
ու
չափեց
խորքի
սանդուխը։
Չէր
նայեր,
բայց
կը
թուէր
բան
մը
փնտռել։
Անոր
այդ
նայուածքին
կ’ընկերանար
Մաթիկին
ալ
աչքը։
Դուռը
բացողը,
սեւամորթ
դռնապանը։
Կէս
ժամէ
ի
վեր
անիկա
կը
խօսէր
Սողոմին
`
զայն
թելադրելով
խոստովանիլ
քոմիթաներու
բռնութիւնները։
Անիկա
ինքզինքը
ղրկուած
կը
յայտարարէր
մեծ,
շատ
մեծ
մարդերու
կողմէ,
որոնք
անոր
ազատիլը
կը
փափաքէին։
Ոչ
միայն
այդքան։
Որոնք
պիտի
ազատէին
զինք։
Իր
հաւատքին
վրայ
երդումով
զօրացած
այս
յայտնութիւնը
դռնապանը
պահեր
էր
ժուժկալ
խոստումի
տարազին
ներքեւ։
Սարսափած,
փաշային
տեսքէն,
ըրաւ
անիկա
խոնարհութեան
կէս
շարժումը,
զոր
տանտիրուհին
կը
պահանջէր
անկէ,
եւրոպացի
բոլոր
հիւրերուն
դիմաց։
Փաշա՞ն։
Նկուն,
ձեռքերը
կուրծքին
բերելէ
զգոյշ
(թուրքերը
թերի
կապկեցին
Արեւմուտքին
էթիքէթները),
անիկա
արձանացաւ
`
հրաման
սպասող
զինուորին
նման։
Փաշան
մտաւ
ներս։
Անոր
մատը
առաւ
ներս
երկու
կալանաւորները։
Անոր
ակնարկը
դռնապանին
ցոյց
տուաւ
դուռը։
Փակելէ
առաջ՝
անիկա
խիստ
հրահանգով
մը
կ’արգիլէր
դուրսէն
ներս
մուտքը
անխտիր
բոլորին
համար։
-
Հասկցա՞ր։
-
Այո,
փաշա
հազրէթլերի։