Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Պարզէն վեր սենեակ մըն էր այս դիւանատունը ` յատկացուած բանտային արձանագրութեանց ու վիճակագրութեան։ Դիւանի վայել մերկութիւն ու տրտմութիւն։ Մէկ պատը ապակեղէն պահարան, բազմայարկ, որուն աստիճանները գրաւած էին զէնքեր, ամէն մեծութեամբ, նախնական զմելիէն ու կացինէն մինչեւ ուժանակի պարապ խեփորները, բոլորն ալ բանտ ինկող մեղապարտներու կողմէ գործածուած, ու այդպէսով ոճիրի թանգարան մը կազմելով, գիտուն վերատեսուչին խնամքովը։

Սողոմին մուտքէն յետոյ, հոն աշխատող երկու քարտուղարները հեռացուած էին քոմանտան փաշային կնոջը հրամանով, որուն խօսքը պատգամ էր պալատին բոլոր մասերուն ալ մէջը։ Այս հսկողութիւնը յօժարակամ կ’ընդունուէր պաշտօնեաներէն, որոնք կնիկի մը հնազանդելու ն մէջ հաճոյք կը գտնեն, երբ երեսունը չեն անցած։

Անոնք Սողոմը գտան յոգնած ու մռայլ։

Չէր շարժած տեղէն ` հակառակ թուրք էթիքէթէն բաւական բան ծեծով սորված ըլլալուն։

Ու անոր գլուխը կիսաբոլոր կը կտրէր Միջերկրական ծովի արեւելեան աւազանը, քարտէսի մը յատակէն, որ կը բռնէր լման մէկ պատը այդ դիւանին։ Գործն էր ատիկա երիտասարդ քարտուղարին՝ իտատի 1 ըրած ու օսմանեան պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասերուն մէջ իր բացառիկ շնորհներո՞ւն համար, թէ գեղանի, կանացի դէմքին համար մետալով պատուուած։ Քարտէսը կը ներկայացնէր կայսրութեան աստիճանական ծաւալումը, Արեւմտեան Անատոլուի մէկ հովտակէն բխող կարմիր կայլակի մը խորհրդանիշ արատովը, հետզհետէ յարգելով ամէն ուղղութեամբ։ Սուլթանները մանրանկար, որոնց իւրաքանչիւրին ձեռքէն սուր մը կը սլաքէր սահմանը իր նուաճումներուն։ Երկրամասերը, որոնք առնուած էին թրքական հեղեղէն, կը զանազանուէին իրարմէ խիստ ու պոռոտ գոյներով։ Սուլթանին սուրէն կախ թել մը կը կրէր թուականը վճռական ճակատամարտին։ Ուրիշ կարմիր գիրեր՝ կը ցցէին անունները դաշտին, բերդին, գիւղին կամ քաղաքին, ուր մղուած էր պատմական ճակատամարտը։ Տարօրէն կոշտ, բայց աւելի քան թելադրիչ այս ձեռագիծ քարտէսը խորունկ յուզումով կը համակէր նախնական այցելուները, որոնք ափ ի բերան կը հետեւէին սուլթաններուն սա յորդումին, լեցուելով հզօր հպարտութեամբ մը իրենց փառքէն ու զօրութենէն։ Ազգային գիտակցութիւնը ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան խոր կը զգայ, որքան թուրքը, նոյնիսկ ամէնէն անբանը։ Տարօրէն կոշտ, բայց աւելի քան թելադրիչ այդ քարտէսին առջեւ կ’ախորժէր կենալ, հինգ­տասը րոպէ, քոմանտան փաշային աղջիկը, նայելով թէ ոչ՝ սեղաններուն վրայ գլխահակ քեաթիպ էֆէնտիներուն, որոնք անոր մեկնումէն յետոյ կը ցատկէին վեր, կ’անցնէին քարտէսին առջեւ, կը լզէին, կը լզուըրտէին աղջկան ոտքին հետքերը, խոր, յուսահատ տարփանքով, իրարու վայելքին մատուցանելով առաձիգ մէջքը, կուրծքին կրակէ հաւկիթները ու թուլցած, հեշտախտագին, գրեթէ ջուրոտ՝ կը դառնային ետ, իրենց սեղանները, գրիչները մխած ֆէսերէն ներս, մտքով մշուշուած, ամէն մէկը յիշելով իր սիրուհին, մօտիկ ազգականը, կին՝ այս կամ այն պէյին, մատաղ՝ բայց անհով, ինչպէս են կիները թուրքերուն երբ վանդակ մտնեն…։ Յետոյ կը շինէին դպրոցը, դասարանը, երբ կայսրութեան արդի մեծ նահանգներուն գաւառները, գաւառակները, գիւղախումբերը կը զրուցէին իրարու, անունները դասաւորող կարգին հանդէպ աններող խստապահանջութեամբ, ինչպէս կ’ուզէր դասախօսը, դաժան ու մեծ հայրենասէր, որ կը տարուէր նիւթին մեծվայելչութեամբը, ամէն մէկ կուսակալութեան ուսումնասիրումին հետ վերակազմելով պայմանները, մտայնութիւնը, դարը՝ ուր այսօրուան բարակ էֆէնտիներուն նախահայրերը, գրիչի տեղ սուր խածած, մխուեր էին ընդերքին մէջը փափուկ, մեղկացած, փարթամ ու փտած ժողովուրդներուն ` զանոնք տապալելով հարիւրի դէմ մէ՜կ…

Դիւանին մէջտեղը զոյգ սեղաններ։ Անոնց հակադիր պատին թուղթերը դասաւորող դարաններ, աչք­աչք, կուսակալութեան գաւառներուն անունովը թուագրուած։

Անկիւնէ անկիւն ձգուած էին նստարաններ, քանափէ ի ոճով, բայց լերկ տախտակ։ Անոնց ալ ներկը կը կրկնէր բանտին երկրորդին գործածած գոյնը։

Սողոմը, պի՛շ, լացա՜ծ։ Առաջին ակնարկով այսպէս կը տպաւորէին անոր աչքերը ` ուռած ու կարմիր։

Պատուիրակ փաշան չէր նայած անոր։ Աւելորդ՝ իր նշանը, տղան նստելու հրաւիրող։ Միւս կողմէ՝ անիկա ցոյց տուաւ Մաթիկին աթոռ մը, այն սեղանին մօտիկ, ուր անցեր էր ուղղակի մտնելէն ետքը։ Յեղափոխականը չհասկցաւ։ Գուցէ հրաւէրի անակնկալն էր պատճառ այս վարանումին, այնքան անիկա ուրիշ բանի էր վարժ, թուրք պաշտօնեաներուն մօտ։ Մարդավարութի՞ւնը, թուրքերուն փոլիթիքա՞ ն։ Ե րկու ամիսէ աւելի է, որ անիկա կը ճանչնար այդ արդարութիւնը։

-Նստէ։

Ձայնին մէջ մեղմ թրքութիւն մը, կիսապաշտօն, որ կը ջանար ըլլալ աւելի պարզ, մտերիմ։

-Քեզի ըսելիքներ ունիմ…

Զայն լսող մը ինքզինքը պիտի զգար շունչին մէջը բարեկիրթ ազնուականի մը, վստահութիւն ներշնչող ու մարդկօրէն գեղեցիկ։ Այդ շեշտը հեռու էր նենգ ու վայրագ այն յղացքէն, որ թուրքն է, անոր փաշան, աւանդօրէն տեղաւորուած խորը մեր ողնուղեղին, սուտին ու անգթութեան բնական շաղախը, որով կաղապարուած է անոր տիրապետութիւնը մեր հոգիներուն վրայ։

Դուռը բացուեցաւ։

Դասակին սպան էր, հեւասպառ, փութկոտ, ինչպէս եւ հոգածու մէկ նայուածքին մէջ դնելով այդ ամէնը հեղինակաւոր պարզութեամբ մը։ Արձանացաւ անիկա։

- Հրաման մը, փաշա հազրէթլերի։

- Ոչ մէկը կ’ուզեմ։

- Ոչ իսկ քոմանտան փաշա՞ն։

- Ոչ մէկը։

Խիստ յանդիմանող։

Դուռը փակուեցաւ։

- Նստէ, - կրկնեց անիկա։ Ու անոր շեշտը րոպէաբար գտաւ անսպասելի իր մեղմութիւնը։

Ու առանց նայելու անոր երեսին դատողի հոգեբանութիւն, որուն մէջ կը մտնէ հաւանաբար խղճի փշրանք մը, հակառակ մեր ուժով տարազներուն, երբ ուրիշները դատապարտած ենք ի յառաջագունէ , հանեց գրպանէն ժամացոյց մը։

Լուրջ էր անիկա ու տրտում։

Անոր դէմքին մեծ մարդու վայել վարանք մը, ծանր ու կարեկցող, որ անոր արտայայտութիւնը ըրաւ աւելի մարդամօտ։ Մաթիկը յիշե՞ց ռուս ազնուազգի զօրավարները, որոնք դասախօսի սեղանին վրայ ժամացոյց կը դնեն այդպէս ու կը մխուին իրենց նիւթին դէպի խորութիւնները, հանրային դասախօսութեանց սրահին մէջ ստեղծելով իմաստին արքենի գեղեցկութիւնը, կեանքը իսկապէս արժեւորող այն վերնաշխարհը, որ սեփականութիւնն է բոլոր մարդերուն։ Իրողութիւն էր, որ այցուեցաւ այդ տեսակ յիշողութենէ մը։ Ու ցաւ էր անոր այդ զգայութիւնը։ Ո՞ր հրաշքով սա փափուկ դէմքը կը պարտկէր իր տակ թուրքը, որուն ճանաչողութիւնը անք ակտելի գիծերով շինուած էր իր ներսը։ Հարցուց ասիկա Մաթիկը, ինք իրեն։ Ու յիշեց մէկ խօսքը իր ուրիշ մէկ ուսուցիչին, հայ ասիկա, որ զինքը սահման ճամբու դրած ատենը կրկներ էր յստակ իմաստով.

- Ջանա՛ մարդ մնալ…

Չէր հասկցած այն ատեն։ Յետոյ՝ հիացումով ոգեկոչած մեծ մարդուն դիմագիծը այդ հանդիսաւոր պահուն, անթիւ անգամներ, երբ յեղափոխական գործով, շփումի մտաւ մարդկային տառապանքին ու ստորնութեանց բանակներուն հետ։ Ցաւին ու բարութեան մէջ անոր լոգա՛նքը։ Անոր սիրական գաղափարն էր վստահիլ դէմքին, քան ձայնին, վասնզի մէկը նիւթ է, միւսը՝ օդ, այսինքն ` մեր ներքին անձնականութեան հետ լաւ կամ վատ հաղորդիչ…։ Հարիւրապետներու, ուրիշ փաշաներու, կուսակալին, զինուորական հրամանատարին (որոնց բոլորին առջեւ հանուած էր անիկա իբր տարաշխարհիկ ճիւաղ մը) հետ անիկա չէր ունեցած սա զգայութիւնը։

Պատուիրակ փաշան իր դէմքը յանձնեց իր թիլին ` ցուցամատը փակցնելով այտոսկրին։ Մինչ բութը կ’երկննար կզակին ներքեւ, ուղեղը դիրքի կանչելու հին եղանակ մը։ Ու առանց վեր առնելու աչքերը ժամացոյցէն, ուր աղջնակի մը մանրանկարը կը ժպտէր տարիներէ ի վեր, հարցուց.

-Տրամադի՞ր էք ինծի հետ խօսելու։

Դժուար, ու խորթ հնչումով ռուսերէն այս նախադասութի՜ւնը։

Անատոլուի սա մռայլ քաղաքին խորը, երկամսեայ անորակելի տառապանքներէ յետոյ սա ռուսերէնը հեքիաթէն ալ դուրս բան էր Մաթիկին ականջներուն։ Սխա՞լ՝ լսածը։ Անոր աչքերը բացուեցան չորս։ Բերանն ալ անզգալաբար ըրեր էր նոյն շարժումը։ Անդրադարձա՞ւ իր զարմանքին, վասնզի ափը գացեր էր շրթներուն։

Ժպի՛տ։

Բայց միամիտ, գրեթէ յիմար։ Ա՛յնքան՝ որ զգաց անհեթեթութիւնը ըրածին։

Բարակ քրտինք մը խոնաւցուց անոր ափերը։

Բան մը ըրած ըլլալու համար գլուխը դարձուց քովնտի, հո՛ն՝ ուր նստեր էին Սողոմն ու ընկերը, բոլորովին ջղագրգիռ՝ դիւանական սա հոտերէն։ Մատենադարանի հարցաքննութիւնը խորապէս խանգարած էր արդէն խարխուլ իմացականութիւնը այդ երկայն երիտասարդին, որ 96ի ջարդերուն, դանակին տակը մտած, բայց հրաշքով ողջ ելած, վրայ էր տուած հաւասարակշռութիւնը իր ուղեղին ու դատապարտուած ներսով ապրելու, ինչպէս կը տարազէր օրեր, շաբաթներ տեւող իր լռութիւնը, սուզումները։ Անոր հիւանդութիւնն է ներքին այդ ապրումները չկրնալ արտաբերել, վասնզի լեզուն կ’ընկրկէր այս ճիգին առջեւ։ Ու միշտ կը թուէր քնանալ, աչքերը փակ թէ բաց։ Ռուսերէն հնչումը, իր նորութեամբը ահաբեկե՞ր էր զայն, որպէսզի դէմքին դիզուէր անպատում անձուկ։ Սողոմը կը նայէր հազարապետին արծաթ կոճակներուն ինչպէս կը կարծէր ինքը ու չէր հասկնար ինչ կը կատարուէր։

-Չհասկցա՞ք։

-Ինչպէս թէ ոչ։

Զուարթ։ Տղա՛յ։ Ամբողջ եռանդ ու երիտասարդութիւն։ Անցեալ ու իմաստութիւն։ Ակնթարթի մէջ Մաթիկ Մելիքխանեանցը փոխադրուած էր Մեծ Մասկուան, իմացական իր հայրենիքը։ Արեւելահայ ամէն երիտասարդ հպարտ է ռուսերէն ո՛չ միայն խօսելէն, այլեւ՝ լսելէն։ Ասիկա յատկանշական հմայքն է այդ մշակոյթին։ Իբր յեղափոխական, Մաթիկը կ’ատէր ցարերուն Ռուսիան, բայց մանուկի պէս պաշտամունք ունէր անոնց լեզուին, մա՛նաւանդ մեծ յեղափոխականներուն։

-Եթէ այո՛, ինչո՞ւ կը նայիք այդպէս։

-Բայց ուղիղ հրաշք է ասիկա։ Ինչպէ՞ս կարելի է, որ դուք ծանօթ ըլլաք ռուսերէնին։

-Այդքան արտակարգ բա՞ն է օտար լեզու մը խօսիլ։

-Ոչ անշուշտ։

-Ա՞յն ատեն։

-Պիտի չզարմանայի, եթէ երբեք խօսէինք գերմաներէն։

-Որ զինուորական պետութեան մը լեզուն է անշուշտ։

-Դուք կ’ըսէք։

-Ռուսերէ՞նը։

-Ռուսերէ՜նը։ Դժուար է զայն բացատրել ձեզի։ Ռուսերէնը, Մասկուան։

Կեցաւ։

-Ուղիղ հրաշք է ասիկա։ Չեմ կարող ըմբռնել։

Բռնած էր շրթներէն։ Յուզումը՝ ծաւալած մատերուն ու ճակտին դնդերներուն։ Տաքցաւ ու նետեց.

-Ռուսերէնը խօսողը թուրք չի կրնար ըլլալ։

-Չեմ հասկնար ձեզ։

-Պարզ է սակայն, չափազանց պարզ։

Կը դողար։

-Դուք կարդացած էք ի հարկէ Տոսթոեւսկին։

Հարցնողն էր հազարապետը։

հարկէ, փաշա, ի հարկէ։

-«Մահուան տունին յիշատակնե՞րը»։

հարկէ։

-Պարզ է սակայն, չափազանց պարզ։ Մահուան տունին կազմակերպիչները փաշաներ չեն կարծեմ, պարոն յեղափոխական։

Մաթիկը լռեց։ Անիկա կը դառնար մռայլ իր տժգունութեան։ Ակնարկութիւնը տպաւորիչ էր։

Փաշան իր կարգին ընկղմեցաւ դառն տրտմութեան մը մէջ։ Դեռ նոր կը կազմուէր քաղաքական սառնութեամբ թուրքը, հրապարակին վրայ ու հազարապետ Մեհմէտ Սիւրէյեա փաշան շատ բան կը պարտէր մօտիկ անցեալին։ Կը մեղքնա՞ր սա տղուն, թէ զայն սպաննել որոշելէն ետքն ալ կը նրբանար սատիք այն վայելքին մէջ, որով պիտի անմահանային 915ի մեծ մարդասպանները, այնքան հարազատ գազանութեան մը մէջ համադրելով Արեւմուտքին ուսումը եւ տափաստանին մռայլ, խոր բնազդները։ Անիկա լայն շունչ մը քաշելով, որ մեր մէջ դէպի ետ կը հրէ կիրքը, աւելցուց.

-Կարճ կը խորհիք, պարոն յեղափոխական։ Ռուսերուն կողմէ հալածանքը քիչ չէ հիմա ձեր ժողովուրդին հանդէպ։ Յետոյ, քիչ ալ կը տեսնէք։ Ինչո՞ւ կը մոռնաք, թէ ի՛նչ են եղած մեր եւ ռուսերուն վերջին երկու դարերը։ Թուրքերը ճիշդ դատելու համար քիչ մը թուրք պէտք է ըլլալ։

Հազարապետին ռուսերէնը «արձակուած» էր, ինչպէս կ’ըսեն լեզուաբանները։ Անշուշտ սխալներ շեշտէ, ոգիէ։ Բայց խօսակցութեան գաղափարական գնացքը կը դիւրացնէ բառերուն գիւտը։ Ու կարեւորը, նման պահերու, մտածումին ուժն է, ոչ թէ շնորհը։ Գերմաներէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն նպաստ ունին իրարու։

-Ի՞նչ ըսիք, կ’ըսէք այս ճշմարտութեան։

-Ձեր պատմութեան վերջին երկու դարը փաստ մըն է։

-Մեր անճարակութեան, այնպէս չէ՞։

-Ռուսերուն կարողութեան։

-Որոնք մէկ օրուան մէջ անձնատուր բերդէ մը երեսուն հազար մարդ մորթեցին։

-Բայց ոչ կիներ կամ մանուկներ։

-Այո՛, սպաննե՜լ։ Ինչո՞ւ կ’ուրանաք այս բառին յարաբերական արժէքը։ Դուք, կամովին, ձեր հաշիւներուն սխալ բռնութեան տակ, այդ բառին հետ զուգորդ գործողութիւնը միայն կը տեսնէք։ Տկարներու ակնո՞ց։ Պրոպականտի սիրական եղանա՞կ։ Քրիստոնեաներու հանրային կարծիքին վրայ ազդելու աճպարարութի՞ւն։ Ո՛րը որ կ’ուզէք։ Մինչդեռ մեզի համար բառը, այսինքն՝ սպաննելը գործողութիւն մը չէ, թատերական տեքորով ու ողբերգական յուզումներով, այլ՝ լրում մը, հետեւանք մը, հաշուեյարդար մը։ Ու ասիկա ճիշդ է բոլոր յաղթողներուն համար։ Ո՞վ կը հետաքրքրուի այն անլուր ողբերգութիւններով, որոնք թուրքերէ պարպուած հողերուն վրայ գործադրուեցան ձեր պաշտած ռուսերուն կողմէ։ Եւ սակայն ռուսերը չըրին ուրիշ բան, քան ինչ որ կը մեղադրէք մեզ։ Սպանութեան մղձաւանջը դուք կը շահագործէք ազդելու համար անզբաղ մարդոց ջիղերուն վրայ։ Մենք զայն կ’արժեւորենք իր արդիւնքով։ Բայց հարկ կը զգամ աւելցնելու, որ երկու տեսակէտներն ալ կը միանան բառին ներքին երեսին վրայ, որ գումար մըն է, այսինքն՝ ջնջումը ձեր ժողովուրդին, գրիչով, գարշապարով, շուրջառով կամ… դանակով։ Կը տեսնէք, որ կոշտ են բառերը, բայց տարօրէն ճիշդ։ Մեզի համար միջոցները չորրորդական են։ Արդի՛ւնքը։ Ահա թէ ուր կը ձգտին մեր հաշիւները։ Ռուսերը հարիւր տարուան մէջ խորտակեցին ձեզմէ շատ աւելի թանկագին կարողութիւններ։

-Բայց մեր ժողովուրդը աճած է, բարգաւաճած, քաղաքակրթուած, անոնց վարչութեան տակ։

-Միամիտ էք, շա՜տ, պարոն յեղափոխական։ Ոչխարներու հօտին առատանալը, տեսակին պարարտանալը չեմ գիտեր ինչով կը փոխեն անոնց ճակատագիրը, որ մորթուիլն է ի վերջոյ։

-Մարդերը ոչխարներ չեն։

-Են, տղա՛ս, են, ժողովուրդները այդպէս են շինուած, ու ասիկա օրէնքներով, սահմանադրութիւններով, մարդասիրական ընկերութիւններովը փոխուելիք ճշմարտութիւն մը չէ։ Հարիւր տարի յետոյ ձեր այդ բարգաւաճ, շէն ժողովուրդէն դժուար թէ գտնուին քանի մը տասնեակ հազար նմոյշներ, այն ալ լեռներու խորը, ու ասիկա՝ առանց դանակի, ասիկա՝ ռուս աղջիկներով։ Տոսթոեւսկիով, Մոսկուայով, Պագունինով։ Պա՞րզ։

Մաթիկը, լո՛ւռ, կը նայէր առջին։

-Չէք պատասխաներ, վասնզի մտածումին ճշդութիւնը ինձմէ առաջ ձեզ համոզած է արդէն։ Հայերը, ինչպէս կը պոռայ երեսուն տարիէ ի վեր ձեր մէկ պատուական լրագրողը, զգուշանալու են թուրքերէն աւելի ռուսերէն։

-Ի՞նչ կ’ուզէք ինձմէ, փաշա՛։ Քաղաքական հարցերու վրայ վիճաբանութիւն մը, սա պայմաններուն մէջ, հասկնալի չէ։ Դատապարտեալի իմաստութիւնը կամ յիմարութիւնը շահ չի բերեր ձեր դատողութեանց աջ ու ձախ շեղումին։ Ու չեմ ըմբռներ, թէ ինչու կը մօտենաք տրտում բաներու։ Կրկին կը հարցնեմ. «Ի՞նչ կ’ուզէք ինձմէ»։

-Քիչ բան, պարոն յեղափոխական։ Ամէնէն առաջ ձեր վստահութիւնը։

-Ի՞նչ բանի։

-Իմ նպատակներուս պարզութեան։

-Այսի՞նքն։

-Ձեզի պիտի խնայեմ մեր հարցաքննիչ մարմիններուն տրտում անիմաստութիւնը. ասիկա անոր համար՝ վասնզի տեսայ, որ կը նեղուիք անոնցմէ աւելի՝ քան ծեծէն։ Կը զգաք, որ մինակ ենք հոս։ Ու ապահով ալ էք, որ ոչ մէկ բռնութիւն կրնայ փորձուիլ, որքան ատեն որ ես եւ դուք կը խօսինք։ Ու որպէսզի այս խօսակցութիւնը քալէ, ու քալէ՝ առանց վախի, կանխաւ կը յայտարարեմ, որ ազատ էք լռելու հո՛ն՝ ուր կը դժկամիք։ Պա՞րզ այս ամէնը։

-Այն ատեն, նկարագի՞րը՝ այս տեսակցութեան։

-Կը յայտնուի քիչ­քիչ։ Կարեւոր թիւ մըն էք, մեզի համար շատ թանկագին փաստ մը։ Իմ բոլոր քննութիւններս կ’ապացուցանեն, որ Պոլսէն չէք եկած հոս։ Ճի՞շդ։

-Ճիշդ։

-Այն ատեն կու գաք Անատոլուէն։ Ու այս միակ պարագան արդէն անհունապէս շահեկան կ’ընծայէ ձեր անձը։ Ի վերջոյ դուք յեղափոխական էք եւ մենք ոստիկանութիւն, ըսել կ’ուզեմ՝ ձեր պարունակած գաղտնիքները մեզ կը խանդավառեն։ Բայց, հոս կը զատուիմ ես ուրիշներէ։ Ձեր գաղտնիքները, որքան ալ կարեւոր, ի վերջոյ գոհացում կու տան հետաքրքիր միտքերու։ Իմ ուզածս աւելի է այդ փոքր հետաքրքրութենէն։ Անոր համար է, որ խօսիլ կ’ուզեմ։ Հարցաքննութենէ աւելի՝ տեսակցութիւն մը։ Թերեւս աւելորդ է իմ անձիս ներկայացումը քեզի, քանի որ այս խօսակցութեան ուղղակի նպաստ չի բերեր։ Ձեզի համար եթէ թուրքերը հոճա չեն, փաշա կամ պէյ են, այսինքն՝ բթամիտ կամ կատաղի արարածներ։ Այս կարգի նախակաղապար մտածումները տեղը չէ հերքելու կամ հերքել ջանալու։ Բայց անձէս վեր կայ միտքս, որուն հետ ծանօթացում մը ձեր կողմէն՝ կը նկատեմ կարեւոր։ Մասնագիտութիւնս՝ Արեւելեան Հարցը ։ Պաշտօնս՝ քաղաքային ոստիկանութիւն։ Նախասիրութիւնս՝ Հայ Յեղափոխութիւնը, զոր ուսումնասիրած եմ, որքան որ կը ներեն ժամանակս ու աղբիւրներս։ Բաւական՝ գիտցածներս, ազգային ձեր ներկայ ձգտումներէն, մտայնութենէն, պատմական անցեալէն։ Անշուշտ Մխիթարեանի մը կամ Ճեմարանականի մը քիչ մը շատ ուղղափառ ու գրքունակ կազմութիւնը պիտի չփնտռէք իմ գաղափարներուս մէջ։ Օտարներու ծանօթացում մը անձնական շահ մը կ’ենթադրէ ամէն բանէ առաջ։ Ու ինծի համար անօգուտ տարր է խճողուն իմաստութիւնը։ Ասոնք կ’ըսեմ, որպէսզի փոքր խաղեր, յուսախաբութիւններ, սխալ բռնելներ խնայենք իրարու։ Յետոյ՝ թերի կամ հատուածական, օտարներուն կարծիքը միշտ աւելի խոր ու ճիշդ կ’ըսէ ժողովուրդի մը մասին, քան ինչ որ այդ ժողովուրդը կը բանաձեւէ ինքը իր մասին։

-Հայերէն գիտէ՞ք։

-Ոչ։

-Այն ատեն ինչպէ՞ս կը յաւակնիք ճանչնալ մեր ժողովուրդը ու զայն դատել։

-Ազգ մը ճանչնալու մեր միջոցներուն մէջ, չեմ ուրանար անոր լեզուին հիմնական արժէքը։ Բայց իմ պաշտօնը պատմական, գրական, բանասիրական աշխատանք մը չէ, ոչ ալ քաղաքական խոշոր կշիռ ունեցող զանգուածի մը հետ փոխադարձ հասկացողութեան դիւանի մը նախագահութիւնը։ Զինուորական ու թուական արժէքէ զուրկ ժողովուրդի մը լեզուն ինչպէս է ձերինին պարագան կը խորհիմ, թէ աւելորդ բեռ մըն է, ինքնին քիչ մեր ժամանակին համար։ Մի մոռնաք, որ պարտաւոր ենք ճանչնալ ու խօսիլ ու գրել ռուսերէնը, գերմաներէնը, ֆրանսերէնը։ Տակաւին կան պուլկարերէն, սերպերէն, յունարէն։ Այս ամէնուն հասնիլ վեր է մեր կարողութենէն։ Գիրքի մարդերը միայն անոր հմայքը պիտի նետէին իրենց սենեակի աշխատանքներուն վրայ, մինչդեռ մենք պետական ազգ ենք ու ժողովուրդներ վարելու կոչումը ունինք։ Մեզի պակսածը գիտենք լրացնել անուղղակի ճամբաներով։ Ձեր լրտեսները կը բաւեն մեզի, մեր ուզածէն աւելին ալ տալու իրենց եռանդով։ Ազգային արհեստ է ատիկա ձեր մօտ։ Ասկէ զատ, իրար ճանչնալու կայ ուրիշ ալ եղանակ։ Դարերով քով քովի ապրած ըլլալնիս թանկագին երաշխիք մըն է այդ ուղղութեամբ։ Մենք յաղթեր ենք ու դուք ծառայեր։ Հինգ հարիւր տարին ձրի չ’անցնիր ժողովուրդներու գլխէն։ Այնպէս որ, առանց ձեր լեզուն գիտնալու, կը յաւակնիմ ձեզ ճանչած ըլլալ շատ աւելի, որքան դուք չէք ճանչնար մեզ։

-Մե՞նք ձեզ չենք ճանչնար։

-Դո՛ւք, այո։ Ու դժբախտաբար։

Մաթիկին հեգնող, որքան տրտում նայուածքը, ուր խոր վրդովում ալ կար, չյաջողեցաւ խորտակել զինուորականին ինքնաբաւ շեշտը, որ շարունակեց.

-Ձեր ճանչցածը մեզմէ, անշուշտ իր մէջ ունի իրականութեան տարրեր, բայց հեռու է ամբողջ ու յստակ ըլլալէ։ Ու կ’ըսեմ ասիկա պարզ, վասնզի անիմաստ, որքան սուտ պիտի ըլլար ջնջել մեր պատմութենէն հինգ­վեց դար, որոնց ընթացքին դուք մեզ դատեցիք ձեր պատմութեան մեծ ցուցմունքովը։ Անցեր է ժամանակ ու դուք մոռցեր էք շատ բան, նոյնիսկ չմոռցուելիքները։

-Օրինա՞կ։

-Օրինա՞կ, բայց ամէնէն առաջ խոր ու տխուր ճշմարտութիւնը։ Ի՞նչ է եղած վերջին հազար հինգ հարիւրամեակը ձեր ազգային հոլովոյթին, եթէ ոչ՝ հատուկոտոր փառքերու քով՝ միապաղաղ, տէր փոխող գերութիւն մը, որմէ աչք չէ բացած ձեր երկիրը։

-Մեր թագաւորութիւննե՞րը։

-Կ’աղաչեմ, կարգով։ Պիտի խօսիմ ատոնց ալ վրայ, բայց քիչ մը ուշ։ Առայժմ չհեռանանք մօտիկ շրջանէն, ու եթէ կ’ուզէք՝ անմիջական ներկայէն։ Անծածկելի դժբախտութիւնը, ուր ընկղմած է այսօր ձեր ժողովուրդը, ձեր նոր սխալներուն հետեւանքով։

-Սխա՞լ կ’որակէք տարերային շարժումը, որով մեր ժողովուրդը աշխատեցաւ իր տառապանքը մատչելի ընել աշխարհին։

-Որ լռեց, փռնգտաց, յօրանջեց ու մոռցաւ։

-Ազգերու պայքարները ճիշդ չէ չափել կարճ կանգուններով, փաշա՛։ Մեր պարտութիւնը նման է ուրիշներու պարտութեան։

-Անշուշտ, պատմութիւնը քիմիական տարազներու պէտք է նմանի, որոնք պիտի կրկնուին նոյն արդիւնքներով։ Աս չէ՞ ձեր նոր տրամաբանութիւնը։ Ուրիշներ ալ սկսան պարտուելով մեզմէ, այսօր անկախ են։ Այո՞։ Եւ սակայն պատմութիւնը ուրիշ բան է, պարոն յեղափոխական, մա՛նաւանդ ձեզի պէս ժողովուրդի մը գլխուն։ Անցեալին ու ներկային մէջ դուք մասնագէտ էք եղած ձեր դժբախտութիւնը ձեր ձեռքով փնտռելու, պահանջելու։ Ասիկա անգիտելը իմաստակութիւն է առնուազն մարդոց կողմէ, որոնք կը յաւակնին ժողովուրդ վարել։ Անփափկանկատութիւն չէ, սա րոպէին, սա պայմաններուն մէջ, յիշեցնել ձեզ այս վարկածը։ Իրար ճանչնալը իրար սիրել չի նշանակեր, բայց լոյս կը սփռէ։ Ու մութը այնքան շատ է ձեր պատմութեան ամէն շրջանին։ Կարելի է հասկնալ յոյները, պուլկարները, բայց ձեզ՝ ոչ։

-Բայց ձեր պապերը կը յաւակնէին անոնք ալ չհասկնալ։

-Մեր պապերու հասկացողութիւնը հրաշալի է եղած ձեզ դատելու կէտին մէջ։ Անոնց սխալը ուրիշ տեղ է։ Իրենց ուժն է, որ զիրենք անփոյթ է ըրած։ Ու մենք քաւեցինք չարաչար այդ անփութութիւնը։ Ու եղանք իմաստուն։

-Կը հասկնամ, փաշա՛, կը հասկնամ նոյնիսկ այն մասերը ձեր մտածումին, զորս կը լռէք։ Մեր ժողովուրդը իր այս թափանցումը բանաձեւած է արդէն դարերէ ի վեր ազգային առածով մը, որ կ’ըսէ. «Թուրքին հացը ծունկին վրայ է»։ Ձեր բանակները, արշաւները, պաշտօնեաները մենք կերակրեցինք, երբ դուք Եւրոպան նուաճելու կը վազէիք։

-Բայց ատիկա ժամանակակից մտածում մըն է։ Երեք դար առաջ, դուք ազգովին գերիներ, ուրիշ գնով չէիք կրնար կրել ձեր գլուխը։ Ի՜նչ ալ շուտ կը մոռցուին դարերը։

-Տասնիններորդի՞ն։

-Հոդ ալ մեծ է ձեր պատրանքը ձեր դերին։ Երկիր մը կանգուն պահողը իր բանակն է։ Ու դուք ոչինչ կը հասկնաք այդ խորունկ ճշմարտութենէն։ Ձեր յեղափոխութեան վարիչները, ռուսահայեր, գոնէ մշակոյթէ անցած միտքեր են, առնուազն ռուսական զինուոր կամ սպայ։ Ինչո՞ւ չէք տեսներ ճիշդ, ինչ որ ձեր թրքահայ եղբայրները անկարող են զգալու, ըմբռնելու։ Ձեզմով իմ հետաքրքրութեանս բուն զսպանակը հոս է ահա։ Հասկնալ։ Աս է իմ փափաքս հիմա։

-Ի՞նչ բան։

-Պարզ, շատ պարզ բան մը, պատճառը մեր վերջին անհասկացողութեան։ Վասնզի ինչ որ ալ ըսէք, եղած է շրջան ու շատ ալ մօտ, երբ մեր բարբարոսութիւնը դուք գործածելու ձեւը գտած էիք ու մեր միամտութիւնը, բարեսրտութիւնը, դուք ըսէք յիմարութիւնը շահագործելու ձեր ճարտարութեամբը այս երկիրը բաղկացնող տարրերուն ամէնէն շնորհալին ու նպաստաւորողը հանդիսացած։ Բայց կեանքին տխուր կողմերէն, գաղտնիքներէն մէկն ալ շուտ մոռցուիլն է։ Դուք մեզ կը դատէք հիմա, ձեր տառապանքին թելադրութեամբը ու ցաւը նոր չէ, որ եսապաշտ է, նոր չէ, որ անիրաւ կ’ընէ ամէնէն բարի մարդն ալ։ Անշուշտ, խորունկ է այդ ձեր տառապանքը ձեր ժողովուրդին գերութենէն առաջացած։ Մտաւորականներուն դժբախտութիւնն է, որ միտքն ու աշխարհային իրականութիւնը չկրնան անջատել։ Այդպէս չէին ձեր պապերը, որոնք ձեզի չափ խելացի եղան, վասնզի այդքան վերիվայրումներուն ընդմէջէն բերին ձեր ժողովուրդը մինչեւ նոր ժամանակները։

-Եղանա՞կը։

-Քիչիկ մը իմաստակութիւն կայ այդ հարցականին խորը։ Եղանակը՝ բայց ապրիլն է։ Կեանքը ուրիշ բան չէ, տղա՛ս, ապրիլ, ու ամէն գնով։ Չեմ յուսար, որ ձեր պապերը, որոնք Ֆրանսական Յեղափոխութիւն, մարդկային իրաւունքներ, արեւմտեան քաղաքակրթութեան տակաւին ուրիշ սիրունիկ սնոտիքը կ’անգիտանային եւ ազատութիւնը շատ­շատ պիտի շփոթէին գերութենէ գնուած վիճակի մը հետ, ինչպէս կը պոռայ ձեր եկեղեցին իր գերեալ եղբայրներուն համար, այսօր դժգոհ ըլլային պայմաններէն, որոնք տրամադրուած են օսմանեան կայսրութեան մէջ, ձեր ժողովուրդին։ Կ’ըսեմ ասոնք՝ մեր մամուլին եւ պետական մարդոց կողմէ ընդհանրացած բարօրութեան, բարգաւաճման տարազներէն տարբեր առումով։ Մէկդի՝ ձեր կողմէ ուրուացուած գեղեցկութիւնը այդ տարազներուն, ես ունիմ նկատի ինչ որ սեւեռուած է իմ ուշքին, ձեր պատմութենէն։ Գիտէ՞ք, թէ ուր կը սխալիք, ահաւոր անիրաւութեամբ մը, ամէնէն աւելի ձեր պատմական իրաւունքներուն փաստարկութեանը մէջ։ Ինչո՞ւ չէք անդրադառնար, որ ուրիշ կերպ ու կտաւ չունէր ձեր ժողովուրդին կեանքը, հռովմայեցիներուն, պարսիկներուն, արաբներուն, յոյներուն, թաթարներուն գարշապարին ներքեւ։ Ինչի՞ պէտք կու գայ պատմութիւնը, երբ այսքանն ալ չտեղաւորէ ձեր մտածման մեքենային մէջ։ Աւելի՛ն. ինչպէ՜ս ալ մոռցան… դար, դարաւոր, ահաւոր ատելութիւնը, որով չեմ ըսեր լեցուած, սիմանթէ եղած է ձեր հոգին ընդդէմ բիւզանդական կայսրութեան։ Գիտէ՞ք, թէ ինչ անհուն ողբերգութիւն է ձեր Միջին դարը եւ որուն գերագոյն դերակատարը՝ բիւզանդական Վասիլոսները։ Ո՞վ էր ձեզ ազատողը այդ շղթաներէն։ Ո՞վ՝ ձեր հոգին ալ ազատողը հետախաղաղ ջնջումէն, որուն ծարաւը այրեց ուղեղները Պոլսոյ կեսարներէն մինչեւ խոնարհագոյն բաբա ներուն։ Դուք ինձմէ լաւ գիտէք, ինչ անգթութեամբ արգիլուեցաւ ձեր լեզուն ժողովուրդին՝ յոյներէն գրաւուած ձեր գաւառներուն մէջ։ Դուք ինձմէ լաւ գիտէք անողոք այն քաղաքականութիւնը, որով ձեր ժողովուրդը բռնի հանուեցաւ իր հողերէն ու քշուեցաւ Թրակիա, ուր այսօր հետք չէ մնացած անոնցմէ։ Այս ամէնէն ետքը, մենք ալ ձեզ փոխադրեցինք մեր նուաճած հողերուն վրայ։ Անցաք անշուշտ Անատոլուն։ Ամէն քաղաք ձերինները կ’ապրին, կը հարստանան, կը խօսին ու կը գրեն պապերուն բարբառը։ Հարիւրով գիւղեր, որոնց բազմամարդութիւնը ուշագրաւ է այնքան, դրացի թուրք գեղերու նկատմամբ։

-Ես ուրիշ բան ալ տեսայ։

-Վա՞ն։

-Այո՛։

-Այդ ուրիշ բանը տեսաք շատ կարճ ժամանակի մը վրայ։ Ձեր մանկութեան, երբ ձեր դիւանագէտները ու պատմագէտները նոր կը մտնէին քաղաքական ասպարէզ, այդ գեղերուն մէջ ալ տարբեր չէին պայմանները։ Մեր պատմութիւնը ձեզի երես է տուած այդ մարզերուն վրայ, ուրիշ տարրերու ընդդէմ ձեզ հետը ունենալու միամիտ յոյսովը։ Դուք ստեղծեցիք Քեռի Ռուսը։ Ու փոխեցիք մեր դիրքը։ Այնպէս որ, մեր տեսածները Պերլինի Վեհաժողովին հիւսիսայգէն կը սկսին, սիրելի պարոն յեղափոխական։ Ներեցէք, որ խելք ունենանք ու մեր հողերը կառավարելու մէջ մտածենք նախ մեր շահը, յետոյ, երբ կու գայ կարգը, անոնց վրայ վարձքով աշխատող մշակներունը։

-Հայկական Հա՞րցը։

- Լրագրի մէջ խոշոր գիրերով աչքառու տիտղոս մը, եւ ոչ՝ ուրիշ բան, զոր պիտի փնտռէ ձեր ժողովուրդը, պատրիարքէն մինչեւ ֆէս կաղապարող տիրացուն, օսմանեան աւագանիին մէջ պալեա յով 2 պատուըւած փաշայէն մինչեւ Ղալաթիոյ մաքսատուններուն բեռնակիրը։ Որուն վրայ քիչիկ մը շահադիտութիւն պիտի խաղան Քեռի Մոսկոֆը եւ պոռնիկ անգլիացին, ու պիտի նետեն մէկդի, մենէ կտոր մը ոսկոր փրցնելէն անմիջապէս վերջը։ Դուք ասոնք ինձմէ լաւ գիտէք։ Այս ամէնուն դէմ ի՛նչ ըրինք ձեզի։ Ջարդե՞րը։ Բայց անոնցմէ առա՞ջը։ Մենք մեր երախտագիտութեան, մեզ սրտովին փարումին բոլոր իրաւունքները ունէինք ձեզմէ։ Փոխարէ՞ն։ Ու ահա մեզ կը մեղադրէք այսօր, որ ձեզ ազգովին ազատած ենք։ Ու կը մեղադրէք, որ արտօնած ալ ենք ապրիլ ձեզ, ձեր ուզածին պէս, անցեալին մէջ, այսինքն՝ մեզ ատելով, անիծելով։ Այս չէ՞ ցուցմունքը ձեր եկեղեցիին։ Ու ձեր ներկա՛ն, Ջարդերէն անմիջապէս ետք։

-Որ ստորնագոյն անգթութեան ու տարրական անգթութեան լուծ մը ըրաւ ձեր վարչութիւնը մեր գլխին։

-Մեծ են ձեր բառերը։ Չեմ դառնար ետ։ Պահելով անփոփոխ այժմու պայմանները, ռուսահայերը կէս դար յետոյ պիտի ամչնան հայ ըլլալնուն, պարոն յեղափոխական։ Այս ռէժիմին ձեզի կը ձգեմ յարմար վերադիր մը ճարել։ Ո՞րն է խորհուրդը ձեր ներկային, որ ազատէր ձեզ այն ճերմակ եաթաղանէն, որ շրթունքն է ռուս աղջիկներուն։ Բայց ապառնիին վրայ վիճաբանութիւն մը անտեղի լիւքս, շռայլութիւն է հիմա ինծի։ Ըսէք խնդրեմ, ո՞րն է դարը (անցեալը շահուած գետին է մեզի համար), ուր հայկական երջանկութիւն մը, միակտուր եւ անխառն, լեցնէր այն հողամասը, որուն վրայ ձեր գերութեան դարերուն տրտում իրաւունքը կը բանաձեւէք այսօր, առանց խորհելու, թէ մենք զանոնք, ձեր քաղաքները, երբ մաքրեցինք յոյներէն ու թաթարներէն, աղբակոյտեր էին ու դուք, ժողովուրդ ըլլալէ աւելի՝ այդ կոյտերուն թափառական դիակներ։ Կարդացէք ձեր մէկ կաթողիկոսին սրտաճմլիկ պատկերացումը ձեր երկրէն, իններորդ դարու վերջերը։

-Բայց դուք կը խեղաթիւրէք մեր պատմութիւնը։

-Որ անփառունակ պարտութիւններու, անըմբռնելի պատմութիւններու անվախճան շարան մըն է, քսան դար երկարող տեւողութեան մը վրայ։ Ու տղայականէն վեր միամտութիւն է տակաւին, կառչիլ այդ գարշագին բանին ու անարգել հսկայ, մեծապայծառ գեղեցկութիւնը, որ մեր քաղաքակրթութիւնն է, Պարսից ծոցէն մինչեւ Վիեննա։ Կ’ըսեմ ասոնք, ձեզ վիրաւորելէ աւելի ձեր աչքը փոխադրելու համար ձեր պատմութեան առասպելին, զոր շատ խնամքով պարտաւոր էինք նկատի առնել, ազգային պատասխանատու շարժում մը փորձելէ առաջ։ Յաղթութիւն ու պարտութիւն վիճակներ են, ու ժողովուրդները միայն յաղթանակ չեն արձանագրեր ցեղային հարստութեան մայր տոմարին։ Բայց ձեր կուրութիւնը, յիմարութիւնը բացառիկ է։ Ու նոյնքան յիմար ու բացառիկ՝ ձեր գիտութեամբը փառաւորելու ձեր նոր հիւանդութիւնը։ Աւելի՛ն. ձեր միամտութեան մէջ ձեզ կը վերագրէք տաղանդներ, որոնք չունեցաք։ Ուրիշներու ծառայող ձեր զօրավարներուն համբաւը աժան ու դիւրաւ կը տարածէք ձեր «աղբարիկներուն» վրայ ու կը յաւակնիք հասկնալ զինուորութենէ այնքան, որքան մենք չենք յաւակնիր ասիկա սարաֆ ութենէն, օրինակի մը համար։ Ձեր պապերը խելօք, վիզերնին ծուռ, համեստ ապրեցան ու գիտցան շեղեցնել մեր արդար նախանձը իրենց ձեռնարկներէն։ Ձեր պապերը չպարծեցան իրենց օտար տաղանդներով։ Ե՞րբ, ո՞ր դարուն եղաք տէրը բայց ոչ անուանական ձեր հողերուն, որոնց վրայ մորթուելու սխրալի հերոսութիւնը չէք զիջանիր ճիշդ դատելու։ Ու մոռցած էք հինգ դարը, որոնք մեր ու ձեր հոգիները իրարու կապեցին՝ ինչպէս լուծքի մը եզները։ Զիս հեռուները կը տանի փորձը ձեր ժողովուրդը տեսնելու մեր փառքի դարերուն մէջ։ Ու կը դառնամ ձեզի։ Ըսէք, կը կրկնեմ. ո՞րն է անունը ձեր թագաւորին, որ ձեր պատմութեան մէկ շրջանը ազատէր անկանգելի իր ամօթէն ու յանձնէր տեւողութեան իբր գէթ տանելի տժգունութիւն մը։ Կը տեսնէք, որ բաւական կը ճանչնամ ձեզ։

-Փաշա՛, կ’ուրանաք շատ բան, ամէնէն առաջ հոգին իսկ մեր ժողովուրդին, զոր կը յաւակնիք դատել շղթայապիրկ իր դարերուն ընդմէջէն։ Ինչո՞ւ չէք տեսներ, թէ հակառակ ձեր թուած պայմաններուն օղակին, մենք տուեր ենք մեր երկրին դիմագիծը մեր հոգիին։ Հայկական բարձրաւանդակը կառոյց մըն է բնութեան՝ որքան մարդուն ձեռքով մէջտեղ եկած։ Բոլոր այդ քաղաքները կը կրեն կնիքը մեր հանճարին։ Աւելի՛ն. ձեր արհամարհած այդ ժողովուրդը կը կրէ իր մէջ ամէնէն քաղցր իսկութիւնը, արտածորումը ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքին։ Իր եկեղեցական երաժշտութիւնը, հակառակ այնքան աղաւաղումներուն՝ չունի իր նմանը ամբողջ Արեւելքի մէջ։ Իր աշխարհիկ երաժշտութիւնը անպարագրելի քաղցրութիւն մըն է, զոր անկարելի է լսել ու չխռովիլ խորագոյն ալքերը մինչեւ։ Աւելի՛ն. չկայ Արեւելքի մէջ տիպար մը, որ բարութեամբը, ճակատագրապաշտ համեստութեամբը, ժուժկալութեամբը ու երկինքն ու երկիրը հաշտեցնող իր երեւակայութեամբը մօտիկը դրուի հայ գեղջուկին, լուծքը առջին, երբ կը վարէ, կամ բանտերուն խորը երբ կը սպասէ մահուան։ Բարութիւն, հեզութիւն, խոնարհութիւն, հաւատաւորութիւն, ասոնք մեր ստեղծած սրտառուչ գեղեցկութիւններն են, մեր գերութեան իսկ անդունդէն։ Ու կ’ուրանաք, այսքան դժնդակ պայմաններու մէջ, մեր մեծութիւնը այս գեղեցկութեանց ծառայելու։ Մենք ենք տուած Մօտ Արեւելքին՝ մեր լրջութիւնը, մեր թախիծը, մեր անմեռ հաւատքը դէպի լոյսն ու դէպի արուեստը։

-Պատրաստ եմ բանալ ձեր աչքը տրտում, տղայական այդ միամտութեան ալ վրայ, որ ձեզի կը թելադրէ ձեր արուեստին հրաշալիքները տարփողել։ Փառասիրութիւնը կամ նախանձը, մեծ ազգերու մօտ դէմք բերելու, աս չէ, որ խնդրոյ նիւթ կ’ընեմ։ Այլ յաւակնութիւնը Եւրոպայի հանրութեան կարծիքը տպաւորելու։ Այլ՝ հաշիւները, որոնք արուեստէն անդին կը նային։ Կը հաւատաք օրկան ներու ա՛լ նորոյթէ ինկած հեքիաթները թարմացնելու դերին հետ, կը ջանան ազգերու ուշադրութիւնը հրաւիրել ձեր երաժշտութեան, բանաստեղծութեան ու նկարչական տուրքերու վրայ։ Բայց չէք կասկածիր, թէ եւրոպական յառաջադէմ ազգերուն յիսուն միլիոննոց զանգուածին մէջ յիսուն հատ մարդ չկայ, որ այդ բաներով խանդավառուի, ո՛չ թէ օտարէն, ի՛ր իսկ զաւկըներուն տաղանդովը հրամցուած։ Կրնաք չորս­հինգ հարիւր արթիսթ տպաւորել, որոնք ձեր երգիչներուն ձեռքերը պիտի թօթուեն, քաղաքավար գովեստներու փունջով մը, փակելով ձեր ընդարձակ պահանջները, ակնկալութիւնները այդ աշխատանքէն։ Երբ, մեծահռչակ արուեստագէտներ իսկ կը դատապարտուին լիրբ ուրացումի, ալ ո՛ւր կը մնայ ձեր լաւատեսութիւնը ձեր բանաստեղծներէն ու միւսներէն։ Արեւելքի աննշան մէկ ցեղին արուե՜ստը։ Այս պատրանքը բարձրակէտն է ձեր անհասկացողութեան։

-Ո՞վ ազատեց Հելլադան։

-Աւա՜ղ, այո՛։ Հելլադան։ Բայց ռուսը։ Ռո՜ւսը։ Որ ազատեց անկէ յետոյ Պալքանները եւ ոչ ձեր Անգլիան կամ Ֆրանսան, որոնք չամչցան իրենց զաւակներուն արիւնը թափելու, որպէսզի մեր լուծը մնայ աւելի երկար սերպին կամ պուլկարին վրայ։ Ռո՞ւսը։ Կը հասկնա՞ք իր ճիշդ ողբերգականութեանը մէջ թշուառական այդ կրկներեւոյթը։ Ռո՛ւսը եւ ոչ թէ արուեստը։ Թուրքին տկարացման հարցն էր, որ ազատեց այդ երկիրները եւ ոչ երբեք յիմար Հոմերոսը, զոր շատ­շատ դասախօսները կը մեկնաբանեն դասարաններու մէջ ու կը չարչարեն տղաքը, առանց փրկել կարենալու ձանձրոյթին խոր մեղադրանքը, իրենցմէ ու իրենց դէմէն։ Հելլէն արուե՜ստը։ Դասական ձանձրոյթին ապահովագրուած թանգարանը։

-Ուրիշ դատում դժուար կը սպասուէր արդէն։

-Մեզմէ, սկիւթացիներէս, բարբարոսներէս, այնպէս չէ՞, պարոն յեղափոխական։ Որոնք դասական մշակոյթը կը շփոթեն դասական ձանձրոյթին հետ. ու համ առնելու համար աշխարհէն, հռովմէական բարքերը կը վերակազմեն, կրկէսներու փոխարէն՝ քաղաքները ընտրելով ջարդի եւ արիւնի մրցարան։

-Դուք կ’ըսէք։

-Մենք կ’ըսենք։ Լա՛ւ։ Մտիկ ըրէք։ Մենք, նոր թուրքերս կ’ըսենք նաեւ ուրիշ բան։ Մեզի համար մշակոյթը գերութեան ճահիճին մէջ թանձր ու կանանչ յօրանջ մը չէ։ Չորս աւերակ, ութ եղանակ, քանի մը աղօթքի գիրք։ Տուած եղայ մեծ զսպանակները ձեր գեղեցկագիտական հպարտութեան։ Աւելի՞ն։ Ձերը չէ։ Մե՞րը։ Մշակոյթը մեզի համար ուրիշ յղացք կը բովանդակէ։ Անիկա, սուրը ձեռքին երկարաձգելն է ինքզինքը միշտ, աւելի շատ հողերու վրայ։

-Հարազատ էք ձեր պատմութեան։

-Մշակոյթը բանակ է, տղա՛ս։ Սուտ են զայն ուրիշ տեղ գտնել ձգտող փիլիսոփաները։ Անոնք ամէնքն ալ ձեզի պէս պարտուած ժողովուրդներու ծոցէն կը յառնեն ու ես ապահով եմ կէս դար յետոյ աշխարհ ինքզինքը սրբագրած պիտի ըլլայ այդ յիմար ռոմանթիզմէն։ Մարդիկ պէտք է տիրեն։ Քալելը քաղաքակրթուիլ է։

-Ընկրկի՞լը։

-Գիտե՜մ։ Ու ձեր դառնագոյն սխալը սնունդ կ’առնէ մեր պարտութեանց վերջին երկու դարէն, որոնք մենէ ընդարձակ հողեր կորզեցին։ Չէ՞։ Բայց մենք կը սրբագրենք մեր պատրանքները ու ձեզի պէս զանոնք չենք սրբացներ։ Մեր բազուկները չհասան մեզմէ տիրապետուած հողերուն։ Ձգեցինք զանոնք։ Բայց ուժովցանք։ Ինչո՞ւ չէք տեսներ անսպառ շտեմարանը մեր ուժին, որ մեր ժողովուրդն է Պոլսէն մինչեւ Ալթայ։ Միջին Ասիոյ տափաստաններուն մէջ կ’աճի անմեռ մեր հունտը, ա՛ն՝ որմէ չորս անգամ ամբողջ Արեւմուտքը սասանեցաւ։ Մենք ասիական ցեղ մըն ենք ու հարիւրով միլիոն կը հաշուենք։ Հո՛դ է մեր ուժը։

-Ու Հնդկաստանը։ Ու Չինաստանը։ Ու Արաբիան։ Ու Ափրիկէն։ Ու Ովկիանիոյ իսլամ կղզիները։

-Կը ծաղրէք։ Բայց մենք վնաս չենք տեսած կրօնական մեր հմայքէն։ Մենք կը վնասենք ձեզի, մահմետական զանգուածներուն թմբիրը, տկարութիւնը, գիտութիւնը հեշտագին մեր վրայ ալ տարածելով։ Այսօր երեք հարիւր միլիոն սիրտ կը սիրեն մեզ։ Ու ասիկա զանցառելի թիւ չէ։ Դուք երեսուն մարդ չունիք ձեզ սիրող։ Մի խաբուիք միսիոնարներու շարլաթան եղերգութիւններէն։ Ամերիկացին տկարը չի կրնար սիրել։ Վկայ՝ սեւերուն եւ հնդիկներուն համար իր ստեղծած բնաջնջումի մշակոյթը։ Բայց հեռու եմ գացած։ Դուք չէք խորհիր, որ լայնութեան եւ երկայնութեան աստիճանները քարտէսներու զարդը չեն մինակ։ Երկու հազար տարիէ ի վեր հազարով քաղաքակրթութիւն ծաղկեցան այն հողերուն վրայ, որոնք մերն են ա՛լ։

-Կ’աճապարէք։

-Բացարձակ է մեր վճիռը։

-Ինչպէս մինակ տրուած ամէն վճիռ։

-Կը բարկացնէք զիս, վասնզի մեզ նախատելու բոլոր ձեւերը կը ներեմ ձեզի, բայց այդ մէկը՝ ո՛չ։

-Բայց ո՛ւր, ե՛րբ՝ ձեր քաղաքակրթութիւնը, փաշա՛։

-Ատոր ալ ատենը կու գայ։ Իսլամին յանցանքն է, որ կը քաւենք։ Ձեզ բնաջինջ ըրած չըլլալուն անհեթեթ, ապուշ մեղքը։

-Նոր չէ այս զղջահարութիւնը։

-Բայց նոր է զայն սրբագրելու մեր վճիռը։ Անշուշտ, չէք բաւական միամիտ այդ ուժն ալ զլանալու մեզի, ինչպէս յոխորտալով, զինանշան կոխկռտելով կը պոռային ձեր հերոսները, մեռնիլը շփոթելով քաջութեան հետ։ Պուլկարիայէն յետոյ մենք վճռած ենք ըլլալ կարճ ու կտրուկ։ Ատոր փորձը զգացիք տագնապի օրերուն, երբ ամէնէն աւելի անկար նկատուած կեդրոններու մէջ ձեր արիւնը հոսեցաւ։ Ու հոսեցաւ դեսպանական դիտակներու հետաքրքիր սեւեռումին տակ։ Ու եղերական էր ձեր սպասումը Արարատ բարձրացող նոր Նոյեան տապանին՝ անգլիական նաւատորմին։ Ու եղերական է ձեր սրտառուչ խելօքութիւնը օտարին դիմաց։ Ասիկա գիտէինք մենք, որ ձեզ դարերով պահեր էինք ջարդէն։ Հիմա ատեն չունիմ ձեր յեղափոխութիւնը դատելու իբր պայքարի գործիք, որուն արժէքը կը մեծցնէք ամէն մոլեռանդի նման` կամովին զձեզ խաբելով։ Դարերով մակաբոյծ, այսինքն՝ ուրիշներուն խնամքին կարօտ, ընդօրինակեցիք այդ օտարին նայող մարդու հոգեբանութիւնը նաեւ հո՛ն՝ ուր ամէնէն քիչ բախտը կար ատոր։ Արդեօք ձեր պատմութեան դասախօսները ունի՞ն օրինակներ օտարներէ հասած նման օգնութեան մը, նոյնիսկ այն դարերուն, երբ գէշ­աղէկ արքաներ ունէիք, յիմար՝ ձեր բոլորին պէս։ Որոնք Եւրոպայի սիրուն իրենց երկիրները քանդելու չափ անխելք եղան, անսաստեցին Արեւելքին պատգամները ու յամառեցան Արեւմուտք յառիլ` պապերուն կոնդակները շփոթելու չափ բանակներու մարմինին հետ։ Ինչո՞ւ չէք անդրադառնար խորունկ, անդարման, ահաւոր ձեր մինակութեան, որ ձեր կողմէ բնակուած հողերուն թերեւս ալքերէն կը բխի ու կը մարմնանայ ձեր դժբախտութեանցը մէջ։ Արեւելքի ամէնէն ատելի ազգը եղաք, միշտ. ու ասիկա՝ առանց պատճառի։ Գոնէ հրեաներ ըլլայիք։ Ո՛չ միայն այդքան, այլեւ՝ ամէնէն անխելքը, որ անընդհատ քիթին չդրաւ իր ճարած տասնաբանեան ու ձգելով տունին ձաւարը՝ շուկայի բրինձին վազեց, հանդիպող մունետիկին ետեւէն, որ չհասկցաւ, թէ մարդիկ երբ իշուն չեն հասնիր, միշտ փալան ին զարնեն պիտի։ Թէ՝ ուրիշներ պիտի օգտագործէին իր սխալները ի նպաստ իրենց փորին։ Ձեզ քշեցին, կը քշեն, պիտի քշեն առաջ, ու ձեր մատներով շագանակներ պիտի հանեն կրակէն։ Սխալի մէ՞ջ եմ արդեօք։

-Ուշացած մարգարէները իմաստուն կ’ըլլան, փաշա՛։ Ու ազգերու շարժումները իրենց արդիւնքով պիտի գնահատուին։ Կարելի է ձեր բոլոր փաստերը դարձնել ձեր դէմ, մինակ ձեր պատմութեան վերջին դարուն հետ հոյակապ իմաստութեամբը, որ ձեզի շահեցաւ հոգեվարք ժողովուրդի տիտղոս մը մինչեւ անգամ։ Այնպէս որ, խելքի տախտակներով չկոտրենք իրար գլուխ։ Մե՛նք պիտի շահինք, երբ բաղդատութիւնը խորացնենք մինչեւ Վիեննա՝ ինչպէս կ’ըսէիք։

-Մեր սխալներովը ձերինը արդարացնելու ձեր յիմարութիւնը։ Մեր նուազումով ձեզ աճած կարծելուն անըմբռնելի սոփեստութիւնը։ Բայց ուրիշ բան է մեծահարուստ կալուածատէրի մը համար մէկ­երկու կալուածներու կորուստը, ուրիշ՝ աչք մը տուն ունեցողին՝ կործանումը այդ բունին։ Ու ա՛ս է, որ չէք հասկնար։ Ու աւելի՛ն. աղօթող ու օրհնող իր տէրէն, որ ձեր եկեղեցականութիւնը եղաւ դարերով, շատ գիտնալու յաւակնութիւն մը կրկէս ձգեց նոր օրերու դիւանագէտներ։ Էշը իր չկերած խոտէն ուտէ, կը խենթանայ կ’ըսեն Անատոլուի մեր գիւղացիները։ Դիւանագիտութի՜ւն. եւ որո՜նց ձեռքը, Աստուած իմ։ Պէտք է մօրուքի դիւանագիտութիւն որակել այդ աշխարհահռչակ տխմարութիւնը։ Վասնզի փարթամ վարդապետի մը խելքը ո՜ր հրաշքով ձեզ քշեց իր ետեւէն մինչեւ արքունիքները։ Գոնէ խրատ ըլլար այդ մարդուն կորանքը եւրոպական դահլիճներու մէջ։ Ձեր մեծամօրուս պատուիրակութիւնները ու բառարանով ժմնած ձեր քարտուղարները, ու անոնց ետին կեցող ծիրանաւոր ձեր եպիսկոպոսները, ազգային ականաւոր հռետորները, վարժապետներն ու խմբագիրները խելացի, ա՛յնքան՝ որ չհասկցան նոյնիսկ, թէ թուրքին հաշուոյն կը գործեն։ Եւ որոնք արքունիքէ արքունիք իրենց մօրուքները ցուցադրելէ ու խոշոր քիթերը տրորելէ յետոյ, սպասման սրահներու մուտքին իսկ չարժանացան ի վերջոյ։ Չափեցիք Եւրոպայի պալատները ու դարձաք կորած, թուղթի կտորի մը վրայ վեց տողնոց ողորմութեան մը խոստումով։ Եւ սակայն ձեր կարելին զոհած էիք ռուսերուն։ Ու ձեր յամառութի՜ւնը՝ յարատեւելու այդ պատրանքին։ Մէկ դարու մէջ դուք խաբուեցաք ձեր այդ ռուսէն նոյնքան հանդիսաւոր կերպով ուրիշ անգամ ալ։ Ու պիտի խաբուիք վաղն ալ, եթէ առիթը տրուի։ Ու կը խաբուիք տակաւին այսօր, աւելի քիչ խոստումներով։ Պատուիրակութեանց տեղ հիմա ունիք ձեր մարմինները, որոնք համակրանք կը մուրան, մայրաքաղաքէ մայրաքաղաք` օրինակը ընծայելով աշխարհէն անմասն մտայնութեան մը։ Մինչ ձեր պապերը գտեր էին ճամբան, առանց այդ հրապարակային նուաստացման, տասը մարգարէի փոխարէն մէկ Աստուծոյ մը աղաչելով, ոչ թէ վեց, վաթսուն տողերու այլ վաթսուն էջ ազատութեան։ Ձեր Սահմանադրութիւնը Անգլիայէն չեկաւ։ Անկէ առաջ ձեզ պաշտպանող մտայնութիւնը Արեւմուտքէն փոխ առնուած յղացք մը չէր մեր վարիչներու ուղեղին խորը։ Դուք տէրն էիք նոյնիսկ մեր վարչական մեքենային։ ԺԸ-րդ դարուն ձեր ամիրաները, չորպաճիներն են, որ կը ղեկավարեն մեր եպարքոսները։ ԺԹ­րդ մայրաքաղաքը իբր շէնք ու խրախճանք ձերն է բոլորովին։ Գաւառներուն մէջ ունիք շուկան ու դրամը։ Գործերը եւ ազատութիւնը ձեր կրցածին պէս մեր երկիրը շահագործելու։ Ասոնք քարոզ չեն, այլ՝ դառն ճշմարտութիւններ։

-Կը խնդրեմ, որ խնայէք ինծի հեքիաթը ձեր բարերարութիւններուն, գուրգուրանքին, մեզի հանդէպ ձեր անհուն, անշահախնդիր, սիրտբաց բարեացակամութեան։

-Տկարի բարկութիւն ու յուզում, որոնք ձեզ անիրաւ կ’ընեն, առանց թերեւս մեր ուզելուն։ Ըսածներս հաւաստումներ են միայն, պատմութենէն ու մօտիկ, շատ մօտիկ անցեալէն վերցուած, որոնք տաղանդով չարափոխեցին ձերինները` ստեղծելու համար հեքիաթը հարստահարութեանց, զոր չեմ ուրանար, բայց որոնք ձերիններուն չափ մերիններն ալ կը հարուածէին։ Ձեր միջամտութեան արդիւնքը գիտէ՞ք ուր է, որ վնաս բերաւ ձեզի, ճիշդ հարստահարիչներուն աչքը բանալու հարցին մէջ։ Ու ձեր այդ գեղեցիկ խելքով է, որ ձեր վրայ կեդրոնացուցիք չարիքին ամբողջութիւնը։ Հիմա գաւառի բռնաւորիկները իրենց ախորժակներուն գոհացում տալու ատեն, կ’այցուին նոր ցուցմունքէն, ու մեզի սորվեցուցիք պետական իմաստութի՜ւն։ Ահա մտածումներ, որոնք կողմ պէտք չէ ունենան ձեզի անհաճոյ ըլլալու, պարոն յեղափոխական։ Աւելի արդարներու մօտենալու համար, ակնոցի փոփոխութիւն մը՝ եթէ կը հաճիք։ Առանց ասոր պիտի չդադրիք բան չհասկնալէ սա աշխարհէն, որ քերթուածի եւ վէպի մէջ միայն գոյնը կ’առնէ ձեր երազներուն։ Պետութիւն չունեցող քաղաքագէտներն են միայն, որ կը յաւակնին օրէնքներ տիրապետող ընել հողերու վրայ, ուր այնքան տարբեր աւանդութիւններ, արիւն ու ճակատագրականութիւն կ’իշխեն դարերէ ի վեր։ Ո՞ր հրաշքով՝ քսան դարէ ի վեր աւազակութեամբ ապրած ժողովուրդներ քանի մը տարուան մէջ պիտի հարկադրէինք քիչ­շատ խաղաղ աշխատանքին։ Ո՞ր հրաշքով՝ քսան դարէ ի վեր մորթուիլ ուզող ժողովուրդ մը պիտի արգիլէինք իր յիմարութենէն։ Ինչո՞ւ ճիշդ չէք դատեր ձեր պատմութեան մեծ վայրկեանները։ Ինչո՞ւ արդար չէք, գնահատելու համար, իր ճիշդ իմաստին մէջ, ազգովի ձեր այն շարժումը, որով ձեզ նետեցիք դուրս յոյներուն լուծէն դէպի մեր հովանին, երբ մեր բանակները այս հողերէն ցամքեցուցին ապականութեան ու դաւի մեծ ճահիճը, որ բիւզանդական քաղաքականութիւն կը կոչուէր։ Ու թող ներուի ինծի ձեզ յիշեցնել այս ամէնուն տարօրինակ այժմէութիւնը։ Յոյները ձեզ կ’ատեն հիմա, ինչպէս միշտ, ճիշդ իրենց պատմութեան այդ լոյսերէն։ Ի՞նչ տեսաք դուք ռուսերէն, զորս կը պաշտէք ձեր անձերէն աւելի, ինչպէս ըլլալ է մեծ գիծը ձեր ցեղային նկարագրին, այսինքն՝ սեփական փոքրութիւններուն խուլ մղումին տակ ինքզինքը արհամարհել, աւելի շատ արենակիցը, բայց աճեցնել օտարը` անոր ծառայելով մտադիւր ու յօժար։ Առաջ չեմ երթար սպաննող բառեր զետեղելու, որոնք պիտակներ են ձեր այդ հոգեբանութեան։ Բայց չեմ ալ կրնար ձեր ուշադրութիւնը չկանչել այն մոռացումին, որ ձեր մտաւորական ընտրանին կ’ընէ այսօր կոյր ներկայէն՝ ինչպէս անցեալէն։ Կան ժողովուրդներ, որոնք գերի են ծնած՝ ինչպէս անհատներ։ Ու ծնունդի այդ տախտակը չի փոխուիր դիւրաւ, քանի մը կարկտան թագաւորութիւններով։ Ուրի՞շ բան ըրած էք դարերով, նո՛յնիսկ՝ երբ խամաճիկ արքաներ ունէիք, հիմակուան թատերական հանդիսանքներու ատեն ըրածնուդ նման, երբ կը հագուեցնէք ձեր դերասանները, թուղթէ թագերով ու թիթեղ սուրերով, ու կը պոռաք Հայաստանի երեսին, երբ անիկա քարոզ ու ողբերգական նիւթ է տափակ բանաստեղծի մը բերնէն։ Ինչո՞ւ չէք տեսներ ձեզ այնպէս՝ ինչպէս որ էք, այսինքն՝ ամէնէն առաջ իրարու գլուխ պատռելու մէջ անհուն կատաղութիւն։ Ու ասիկա նորէն՝ հիմա, երէկ, դար մը, հազարամեակներ առաջ։ Հիմա չունիք Տիզբոն կամ Բիւզանդիոն, ուր վազէին ձեր նախարարները, ու իրենց զէնքերը այրուէին, անձը ծախէին աժան, ծախէին ձրի, հեշտանքով, այդ արքայից արքաներուն, Վասիլոսներուն լուծը ձեր հողերուն վրայ աւելի ամուր ընծայելու։ Բայց ունիք պզտիկ պահականոցները, ոստիկանները, ուր կը դիմէք ձեր եղբայրը մատնելու, երբ ձեզմէ չ’ուզուիր անգամ ատիկա։ Հաւատացէք, պարոն յեղափոխական, տխուր բան է թերութիւններ ստիպուած ընդհանրացնել, վասնզի ժխտական գիծեր աւելի ճիշդ կ’ըսեն։ Ու տխուր բան է միւս կողմէ, խօսելով ձեր, հերոսներուդ հաշուոյն, այժմու սրտառուչ ու բարձր ձեր անձնազոհութիւնը, զոր կը գնահատեմ, վերածել անիմաստ տոնքիշոտութեան մը, զայն վիրաւորելով, գունաւորելով մեղքերովը ձեր անցեալին ու զանգուածին։ Կը տեսնէք, որ անգութ բաներ կ’ըսեմ, որոնք ձեր սա պայմաններուն մէջ արիւնոտ մղձաւանջ մը կը կախեն ձեր հոգիէն։ Բայց ասոնք ըսեր եմ ես Ժընեւ, Փարիզ, Լոնտոն, ուր կը գործեն ձերինները։

-Շփում ունեցա՞ծ էք մեր վարիչ յեղափոխականներուն հետ։

-Ձեր հարցումին ջերմութեան մէջ իսկ կը մատնէք ձեր միամտութիւնը։ Ի՛նչ որ չի ներուիր իրենց, բնազդական ու անխելք արհամարհանքն է, զոր բոլորն ալ կը սնուցանեն թուրքին ու անկէ բխած ամէն արտայայտութեան դէմ։ Ամէն մարդ իրենց համար Սուլթան Համիտէն ղրկուած ծառայ մըն է, որ պաշտօն ստանձնած է յեղափոխականները կաշառելու։

-Բայց, փաշա՛, սխա՞լ կայ այդ մտայնութեան մէջ։

-Անշո՛ւշտ։ Թուրքերը շատ դրամ չունին բոլոր անգործները, անօթիները կշտացնելու։ Զիս չհասկցան ձեր մարդիկը։ Վասնզի կաշառք չառաջարկելէս զատ, զիրենք կը հրաւիրէի խելքի։ Ու ծիծաղեցան՝ երբ ձեզի պարզուած սա գաղափարներուս մէկ մասը իրենց ալ մօտեցուցի։ Կազմուած, ամրապինդ մտայնութիւնները աւելի դժուար կը քանդուին, քան ճենովացիներէ ձգուած աւերակոյտները։

-Արիւնէն առա՞ջ էր ձեր առաքելութիւնը։

-Առաջ ալ, վերջն ալ։ Արիւնը զիրենք ըրած է աւելի անտրամաբան։ Ու աւելի ալ անգութ։ Հիմա մոռցած են, թէ ժողովուրդ մը կայ ասդին, որուն գլուխին վրայ երդում կ’ընեն, եւ զոր կը վտանգեն, հետզհետէ խորացնելով խրամատը երկու ժողովուրդներու միջեւ։ Չեն հաւատար, թէ թուրքին դէմ կռուելով, կռուած կ’ըլլան արմատներուն իսկ դէմ իրենց ցեղին։

-Հին պատմութիւն։

-Նոր, միշտ նոր է պատմութիւնը։ Քաղաքական վիճաբանութիւնը միւսներէն կը տարբերի իր հետեւանքներուն եղերականութեամբը։ Չեմ գիտեր, թէ կէս դար յետոյ ի՛նչ փոփոխութիւն կը ստանայ սա պատի քարտէսը։ Բայց գիտցէք, թէ կէս դար յետոյ, շարունակելով ձեր այժմեան գաղափարներու ձեր սա դարպասը, դուք իրագործած պիտի ըլլաք ձեր ճակատագիրը։ Յոյս չունիմ, որ կէս դար յետոյ Հայկական Խնդիր մը գոյութիւն ունենայ այսօրուան ձեւով։ Վասնզի զայն լուծելու եղանակներէն հիմնականը մենք ունինք մեր տրամադրութեան տակ։ Ասիկա սպառնալիք կամ մարգարէութիւն չէ։ Պատերա՛զմ մը, ու ամէն բան կ’աւարտի։ Ըսած եմ ասոնք անոնց, որ փոխ դրամով կ’ապրին եւ յեղափոխական թերթեր կը հանեն, բայց կը հաւատան ուրիշ բաներու։ Չեն հասկնար, վասնզի միտքի վաչկատունութիւնը գոյութիւն ունի մարմնականին նման։ Չեն հասկնար այդ երիտասարդները, վասնզի դուրս են հիմա հողին ձգողութենէն ու սաստէն։ Գիտէ՞ք, որ դաշտերը հոգի մը ունին ու պատժել գիտեն իրենց անհնազանդները։ Ժողովուրդի մը անկումը կը սկսի, երբ արմատախիլները, դժգոհները դադրին իրենց բացառիկ կողմէն եւ զանգուած դառնան։ Առաջին խենթութիւններէն յետոյ, մեր հողերուն վրայ ձերինները վերադարձան իրենց աւանդական զգուշութեան։ Ինչո՞ւ այս իմաստութիւնը չայցելէ նաեւ անոնց, որոնք դուրս են թուրքին պարունակէն։

-Կը խօսիք ոչ­թուրքի մը պէս։ Ու այս պարագան զարմանք՝ ինչպէս քաջութիւն կու տայ ինծի ոչ թէ վիճաբանելու, այլ լսելու քիչ մը բան մեր ալ իմաստութենէն, զոր կը տարազէք ձեր նկատումներուն փաթաթներովը։ Յետոյ՝ չէք ծաղրեր մեզ, ինչպէս կ’ընէ անհուն մեծամասնութիւնը ձեր պաշտօնեաներուն, երբ խօսի այդ Հարցին վրայ մեզի հետ։ Ասիկա ձեր մօտ մարդկութեան նշոյլ մը կ’ենթադրէ։

-Շնորհակալ եմ այդ քիչին համար ալ…

-Սիրոյ զգացումները, յարգանքի փաստերը զերծ են հեգնութենէն, փաշա՛։ Այս պայմաններուն մէջ ես վեր եմ ձեր նկատումներէն։ Ուրախութիւն է ինծի հաստատել թուրքերուն մօտ ձեզի պէս մարդեր։ Ու բացառութիւն՝ թուրք դպրոցէն, որ անարգի բռնութիւնն է ու միջնադարեան, հաստ գերութիւնը հպատակներու գլխուն։ Ներեցէք, որ համարձակիմ իմ կարգիս ձեզ կանչել սա շատ տարրական ճշմարտութեան, կ’ուրանա՞ք անկախութեան իրաւունք մը մեր ժողովուրդին։

-Արդէ՜ն։ Կարելի՞ է խօսիլ հայու մը հետ, առանց իյնալու այդ խորխորատին մէջը։ Կը զեղչեմ շատ, չափազանց շատ բան այդ անկախութեան կապուած հարցերուն թնճուկէն, որ ձեզի ընկերվարական սկզբունքներու ծառայող մարդոց մօտ ալ չի դադրիր գոյ ըլլալէ ու կը դնեմ փաստ. ի՞նչ բանի պէտք պիտի գար այդ ազատութիւնը։ Անշուշտ անծանօթ չէ եւրոպական կարգ մը մտածողներու վճռական կեցուածքը փոքր ազգերու ազատագրութեան գաղափարին դէմ։ Ամենալուրջ միտքերը այսօր կը միանան մեզի, Յունաստանի անկախութիւնը իբր նոր յիմարութիւն մը դատապարտելու։ Հայերո՞ւնը։ Կը կրկնեմ. ի՞նչ պիտի ընէիք այդ մոգական տարազով։ Զայն կերպադրելու ձեր առաջին փորձը ձեզի արժեց կէսը ձեր ժողովուրդին, վասնզի երկու տարուան մէջ դուք զոհեցիք ձեր երիտասարդութիւնը, հասուն տարիքը, առեւտուրը եւ տնտեսութիւնը։ Զայն ունենալու ուրիշ փորձ մը, ապահով եմ, ձեզ պիտի վտանգէ հիմնովին։ Վասնզի դէպքերը քալեցին ձեզմէ չսպասուած ճամբաներով։ Արդիւնքը մեզի համար սրտապնդիչ է տարօրէն։ Ձեզ ջարդեցինք ու ատով ջերմ ու սրտագին բարեացակամութիւնը ապահովեցիք ձեր պաշտած ռուսին, որ մեզի չափ շահագրգռուած է ձեր բնաջնջումով։ Սո՞ւտ կ’ըսեմ արդեօք։

-Ցարերու Ռուսիան։

-Միշտ ալ պիտակ մը դժուար չէ ճարել քաղաքականութեան մը համար։ Բայց դժուար՝ մոլորած ուղեղ մը լոյսին հանդերձել։ Ինչո՞ւ չէք տեսներ Եւրոպան։ Ձեզ ջարդեցինք։ Ու ձեր ապաւինած Եւրոպային ալ բազկերակը չափած եղանք։ Մեր վախերը մեզ կամաց­կամաց կը լքեն այդ քրիստոնեայ Եւրոպային մղձաւանջէն։ Հիմա աղօտ՝ բայց պարզ, կը գծուի մեզի համար հեռանկարը մերձաւոր գալիքին։ Առանց մեծ անհանգստութեան, ներկայ պայմաններուն մէջ դիւրին է երկիրներ մաքրել անբաղձալի տարրերէն ու մնալ անպատիժ։ Քսաներորդ դարը, աւելի դրապաշտ, պիտի սակարկէ։ Անշուշտ պիտի գտնուին թերթեր ու բերաններ, որոնք մեզ դատափետեն պիտի, բայց պիտի խելօքնան, երբ մեր կառավարութիւնը լրջօրէն մօտենայ իրենց։ Վասնզի ձեր Եւրոպան հոգեպէս վար է մենէ, երդումով կ’ըսեմ ասիկա, պարոն յեղափոխական։ Ձեւական սրտնեղութեան մէջ իսկ վարչապետներ, իրենց երկրին քաղաքական ուղեգիծերը պարզելու ատեն, պիտի զգուշանան մօտենալու թուրքին։ Աւելի՛ն. պիտի վարանին դարպասելու մեզ, վասնզի ի՛նչ ալ ըլլայ յեղափոխականներուն կարծիքը մեր մասին, մենք մեծ ենք ձեզմէ, բանակ ունինք, որ կրնայ հրաշքներ գործել, հողերու խորը անմատոյց գանձեր, ու երեսին՝ կոյս հարստութիւններ։ Դո՞ւք։– Մարդը միայն, այսինքն՝ մեքենաներու դարուն՝ ամէնէն աժան ապրանքը։ Եւ նոյն ատեն ալ աւելորդը։ Մօտ է ժամանակը, երբ պիտի հաստատուի մարդկային շուկայ անուանուած միջնադարեան գերեվարութիւնը, սա տարբերութեամբ, որ գնորդը պիտի պակսի։ Առայժմ ոչ մէկ ժողովուրդ կարիք չունի ձեր խելքին, որով կը պարծենաք օգտակար ըլլալ ուրիշ երկիրներու։ Չունի կարիք ձեր բազուկներուն, որոնք հողէն հեռու, գործարաններու մէջ կծծի ու շահամոլ գործիքներ կը դառնան, ձեր անձը բուծանող՝ ի վնաս ուրիշին։ Ներեցէք, որ այս մտածմունքները ըլլան տարբեր թուրքէն ձեր ակնկալածէն։ Տակաւին չեմ խօսիր լացովը, աղմուկովը, սուտերովը ստեղծած ջղային մեծ յոգնութենէն ժողովուրդներու, մա՛նաւանդ անոնց վարիչներու ուղեղին վրայ։ Ահագին երկրի մը վարչութեան բեռովը արդէն տագնապուն նախարար մը ի՜նչ անփութութեամբ ականջ պիտի տար ձեր պատուիրակներուն, բանաստեղծներուն։ Ու ձեր գումարել տուած միթինկնե՜րը, քանի մը հազար ունկնդիրներու ձանձրոյթով բանաձեւուած բողոքնե՜րը, որոնք մեզ պիտի խռովեն…

-Այս ամէնէն ետքը, ինչպէ՞ս կարելի է հասկացողութեան գալ ձեզի հետ։

-Բայց ատիկա ձեր մտածելիք եւ գտնելիք բանն է։ Մենք քիչ ալ ուրախ չենք ձեր, յեղափոխականներուդ գոյութեամբը, որ թունաւորման մշտական վառարաններ կը կազմեն ձեր ու մեր յարաբերութեանց մէջ։ Մեր շահը կը պահանջէ, որ այդ վառարանները գործեն այնքան ուժգին, որ վարակուի ամբողջ օրկանիզմը ու փտախտը երեւայ։

-Աւելի քան անգութ բաներ կ’ըսէք։

-Այո՛, եթէ կ’ուզէք։ Անշուշտ, թուրքը ուրիշ բաներ պիտի չըսէր այս սառնութեամբ։ Ես կ’աւելցնեմ՝ այս ալ կշռադատութեամբ։ Բաներ կան, որոնք ճակատագրական են երկրի երեսին։ Հակառակ իր ընդարձակութեան՝ այդ երեսը վիրաւոր է անապատներով եւ ուրիշ թերիներով։ Փոխադրեցէք բնական այս ելոյթները ոգեկանին ալ վրայ, պիտի չըլլաք սխալի մէջ։ Ժողովուրդները պտուղներ են, ու այս պարագան անգիտելը՝ աղէտի աղբիւր անոնց համար, որոնք կը յաւակնին ժողովուրդ վարել։ Ինչո՞ւ չէք կրնար այս ստուգութիւնները դատել առարկայական պարզութեամբ։ Եւրոպայի, Ամերիկայի մէջ ո՞վ է այսօր անհանգիստ Ալճերիային, Եգիպտոսին, Հնդկաստանին, ամբողջ Ափրիկէին եւ Ասիոյ գերութեամբը։ Մտածա՞ծ էք սա անհերքելի ճշմարտութեան։ Ո՞ր ժողովուրդին հոգն է հատեր, որպէսզի աւելորդ ըլլալով յօժարի նաեւ ուրիշին, ան ալ «հայուն սեւ աչքին ու յօնքերուն» համար, այն հայուն, զոր իբր լուրի տիտղոս միայն կը ճանչնայ իր թերթէն։ Ո՜ր իրաւունքով կը պահանջէք, որ օտարները շահագրգռուին ուրիշներով։ Ո՜վ ձեր միամտութիւնը թուղթին, ու հեռագրին վրայ՝ ձեր անսահման վստահութիւնը։ Քիւրտ աւազակի մը կողմէ գործադրուած երկու սպանութիւն կը յաւակնիք պետական խնդիր ընել ու կը պահանջէք, որ ձեր մօրուսաւոր պատուիրակներուն տեղեկագիրներովը վեց պետութիւնները ծանուցագիր ղրկեն Պապը Ալի ։ Միւս կողմէ՝ չէք կարդար անգամ Չինաստանի մէջ Պոքսըրներու շարժումը եւ անոր ստեղծած համաշխարհիկ շահեկանութիւնը։ Չէք հետաքրքրուիր Չիլիի եւ Պոլիվիայի միջեւ պատերազմի խժդժութիւններովը, հսկայ ծովախաղացքի մը պատճառած զոհերովը, կամ մեծ երկրաշարժի մը, հրդեհի մը կողմէ շէն քաղաքներու հիմնայատակ կործանումովը։ Քանզի այս ամէնը հեռու են ձեզմէ։ Ու երբ երկրի մը տէրը եղող թուրք մը բեռ մը փայտ կտրէ դրացի գեղի մը պատկանող անտառէն, կը սպասէք, որ աշխարհ իրար անցնի, անգլիական նաւատորմը շարժի դէպի այդ գիւղակը ու թուրքերը ջնջուին քարտէսէն։ Այս ամէնը տառացի կերպով ճիշդ են։ Ու ճիշդ՝ նաեւ միւսները։ Ձեր փառաբանած Ֆրանսային մէջ քանի՞ հոգի՝ որ գիտնայ, թէ հայ ժողովուրդ ըսուած բան մը կայ Արեւելքի մէջ, որ կը տառապի թուրք եաթաղանին տակ։ Ու կը տառապի… հարստանալով, աճելով թիւով ու քաղաքակրթութեամբ։ Ֆրանսացի հռչակաւոր բանաստեղծ մը ձեր ուրիշ մէկ բանաստեղծին տուած մէկ ունկնդրութեան մէջ անկեղծ է եղած յայտնելու, թէ հայերէնը առաջին անգամ է, որ կը լսէ՜։ Ու ասիկա ձեզի դաս չ’ըլլար, պարոն յեղափոխական։ Աշխարհ գոնէ գիտէ, թէ Չիլի մը կայ, բայց բացի դիւանագէտներէն, դեսպանատան տեղեկաբերներէն ո՞վ՝ որ գիտնայ, թէ հայը ազգ է եւ իրաւունքներ կը բանաձեւէ։

-Յաղթականի իմաստութիւն։

-Այո՛, եթէ կը հաճիք։ Որ իրաւունք ունի արժելու գոնէ պարտուածի ձեր սա իմաստութենէն աւելի, քանի որ փաստն է տուած իր ճահաւոր արդարութեան։

-Որ սակայն չի կրնար յաւակնիլ քաղաքակրթութիւն որակուած յառաջխաղացքը փոխանորդելու, քանի որ իր փաստը տուաւ նոր երկիրներ ստեղծելու հարկին առջեւ ճկուն ըլլալու։ Յաղթանակի իմաստութիւն, որ ձեզի պիտի ընկերանայ մինչեւ որ ձեր երկիրները մէկիկ­մէկիկ վերադառնան իրենց արդար տէրերուն։

Ու ձեր ալ պարտուածի անիմաստութիւնը։ Ու ձեր ձանձրոյթը՝ ձեզ մինչեւ այսօր կանգուն պահող առաքինութիւններէն։ Ու անիմաստութիւնը, երբ ուզեցիք զգեստաւորուիլ ուրիշներով, որոնք ձերը չեղան երբեք։ Յաւակնեցաք զէնքի դիմելու ու չխորհեցաք, թէ մարդ անպատիժ չի կրնար խաղալ կարգ մը բաներու հետ, որոնցմէ առաջինն է թուրքին զայրոյթը, երկրորդը՝ հայերուն հոգեկան յօրինուածքը։ Չէք խորհիր, որ հարիւր, հազար, տասը հազար հայ, նոյնիսկ խնճոյքի համար, քով քովի չեն կրնար խմբուիլ` առանց իրար ուտելու։ Այս ընդհանրացումը լրտեսի տեղեկագրութիւն մը չէ, ոչ ալ ձեր պատմաբաններէն նորոգուած ողբ մը։ Ասիկա իմ իսկ գտած ճշմարտութիւնն է, երբ ձեր նկարագիրը ճանչնալու համար կատարեցի պտոյտներ հո՛ն՝ ուր ամէնէն աւելի հոծ թիւով կը ներկայանայիք դիտողին ուշին։ չկայ աւելի դիւրին բան, քան ձեզ իրար ձգելը։ Դուրսէն ջանքի կարիք Չկայ ատոր համար։ Արդէն ամէն ինչ ներգոյակ է, այդ գիծով, ձեր խառնուածքին մէջ։ Ձեր ազգային վէրքը, իրար կործանելու ձեր ձրի, անըմբռնելի մոլուցքը։ Ու մոռնալ ասիկա, ու յաւակնիլ՝ աւազէն, որ ձեր հոգին է, եղերախոյս ձեր եսերէն ճակատ կազմելու։ Ո՜ր յիմարը պիտի ըլլար ձեզի չափ իմաստուն՝ խիճերով պատ հիւսելու։ Աւելի՛ն. այդպէս հիւսուած պատով մը հեղեղին դէմ թումբ կանգնելու։ Յիմարութիւն չէ՞, առանց նախապայման յարդարանքի (անշուշտ յեղափոխական ձեռնադրուելէ առաջ կարդացած էք ընկերաբանական վարդապետութիւններ) նպաստին փորձել ապրումի ձեւեր, որոնք չեն յարմարիր մեր աւանդութիւններուն, խառնուածքին, երբեմն քաղաքական ալ կացութեան։ Ի՞նչ պիտի ըսէիք այսօր, եթէ Աթէնքի գերիները պահանջէին իրենց տէրերէն այս քաղաքը, քանի որ իրականին մէջ անոնց քրտինքն է, որ հողերէն դուրս էր հանած այդ կառոյցը։ Ե՞րբ կռուած էք, հազարաւոր տարիներէ ի վեր, որպէսզի նման փորձարկութեան մը իրաւունքը տաք ձեզի։ Զէյթո՞ւնը։ Սասո՞ւնը։ Ատոնք աշխարհագրական արտայայտութիւններ են, ոչ թէ ժողովուրդի հոգի։

-Կը խեղաթիւրէք նոյնիսկ պատմական գործողութիւններ։

-Այսինքն՝ կ’ըսեմ զանոնք ձեր տարազած, ձեւազեղծած ու փափաքներուն համեմատ ընդունած եղանակէն տարբեր երանգով։ Ու չէք տեսներ անլրջութիւնը շարժումին, որով հազար հինգ հարիւր տուննոց գեղ մը, իր որսի հրացաններով դէմ կու գայ արդիական բանակի մը։ Ասիկա աչքովս ալ տեսնեմ, չեմ հաւատար։

-Իրականութիւն է սակայն։

-Ուրիշ է իրականութիւնը։ Պատերազմը Պոլիս կը մղուի, Պապը Ալիի շրջանակներուն մէջ, դիւանագիտական թուղթերու վրայ։ Անկէ անդին Զէյթունի լեռներուն վրայ կատարուածը ռազմափորձ իսկ չէ մեզի համար։ Ու ահա դժբախտութիւնը։ Այս դերակատարումը ձեզի համար կը շփոթուի իրականութեան հետ։ Ու որսի հրացաններով հերոսներ կը ստեղծէ ձեր երեւակայութիւնը։

-Մեր հերոսները ոչինչով վար են ձեր փաշաներէն։

-Ճի՛շդ վտանգը հոդ է սակայն։ Կրնան այդ մարդիկը հրոսային կռիւներ վարել, ու լեռներուն անհարթութիւնները, դժուարութիւնները ընել իրենց դաշնակից ու հերոսանալ։ Աւելի՛ն. անոնց կը շնորհեմ յանդգնութիւն, քաջութիւն, դիմացկունութիւն, երբեմն յարձակողական եռանդ, բայց միշտ դէպի ետ, երբեք առաջ, միշտ՝ պաշարում մը խզելու ճակատագրական հարկով։ Փախուստի, նահանջի դիւցազներ։ Մեղադրանք չէ, որ կ’ընեմ։ Այլ իր ճիշդ տարազով կու տամ նկարագիրը ձեր վերջին տղայութիւններուն։ Մեզի դէմ զէնք վերցնող հպատակ ժողովուրդներուն մէջ ամէնէն ծիծաղելին էք, ու ասիկա՝ կրկնապէս։ Վասնզի, նախ մեզ ստոր գնահատելու թերութիւնը որդեգրելէն յետոյ, վրան աւելցուցիք ձեզ ալ գերգնահատելու ուռուցիկութիւնը։

-Փաշա՛, մերինները երբեք վար չեղան ո՛չ իրենցմէ, ոչ ալ միւսներէն, որոնց հետ կը բաղդատէք։ Ձեզի խօսողը կը ճանչնայ այս ժողովուրդին մէջ այդ՝ կրակը, վտանգին վրայ վազելու արիութիւնը, ինքզինքը զոհելու անդիմադրելի մղումը, երբ ատիկա պահանջեն իրմէ։ Կը խօսիմ իբր մէկը, որ մօտէն հետեւած է ֆետայիներու կռիւներուն։ Քիչ անգամ սրտոտութիւնը, պաղարիւնը, խելքը, կորովը, գաղափարի մը մէջ հրազինուիլը կը միանան իրարու պարզ հոգիներու խորը այդքան կատարելութեամբ։ Ու քիչ անգամ արտաքին դժուարութիւնները, բնութեան ու թշնամիներուն խստութիւնը դարձեալ քով քովի կու գան այդ մարդիկը զգետնելու։

-Ատոնք չեմ ուրանար։ Կրնաք անհատաբար չվախնալ մահէն։ Կրնաք հզօր անհատականութեամբ տոգորուած տասը, հարիւր, առ առաւելն հազար մարդ ճարել, որոնք պիտի վազեն դէպի մահը, ձեր ըրածին պէս, երգով ու ցնծութեամբ։ Բայց ատոնք ասպատակային հոգեբանութիւնը կը կազմեն, որ բոլորովին ուրիշ բան կը նշանակէ, երբ ժողովուրդի մը հաւաքական մարտնչող ոգին կշռի կ’առնուի։ Այդպէս ըրիք ձեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին։ Ձեր ազգային մեծ հերոսներէն մէկը` Վահան Մամիկոնեանը, ուրիշ բան չէ ըրած, քան ինչ որ կ’ընեն հիմա ձեր ֆետայիները։ Բայց չէք ուզեր տեսնել աւելին։ Այդ զօրավարներուն լեռնէ լեռ թափառումներէն անդին ժողովուրդ մը կայ, որ կը կրէ յաղթողներուն ամբողջ գազանութիւնները։ Որ չի կրնար հետեւիլ իր հերոսներուն, ու թեւ ու թիկունք տալ այդ պայքարին։ Զանգուա՜ծը։ Որուն բաղադրութիւնը աւազաքար է ձեր մէջ։ Մինչդեռ կռիւը գործն է միայն ու միայն բանակին։ Ու բանակը՝ քաղաքակրթութիւն մըն է, մէկ զգալու, մէկ շնչելու, մէկ ատելու դժուար ՝ բայց փրկարար պատեհութիւն մը։ Դո՞ւք։ Կռի՜ւ կը յայտարարէք, առանց անդրադառնալու, որ օղիի սեղանին վրայ, աղի ձուկի մը պատրուակով իրար կը սպաննէք։ Խա՜կ ձեր հոգին, որ պիտի չհասուննայ երբեք կարգ մը զգայութիւններու։ Միամիտ ձեր տրամաբանութիւնը, որ պիտի չխռովի անհեթեթէն նոյնիսկ, երբ ասիկա յիսուն հազարնոց բանակի մը ձեւով մեր նուազագոյն ճիգը աւլէ ձեր բոլոր փառքերը այդ լեռներէն ու աւլէ նաեւ ձեր ժողովուրդը իր հողերէն։ Ինչո՞ւ այս եզրն ալ չէք ընդունիր, երբ բախտախաղի կը դնէք ձեր գոյութիւնը ու կը հաւատաք եւրոպական հիւպատոսներուն, որոնք դիւաններու տնօրէններ են ու թուղթի աշխատաւոր։ Դուք պիտի մեռնիք, որպէսզի անոնք այդ դէպքերը տոքիւման ի վերածեն։ Խորունկ յիմարութիւն կայ այս ամէնուն մէջ, վստահ եղէք, պարոն յեղափոխական։ Բայց յիմարներուն մէջ տոյժը տկարներուն վրայ կը դիզուի։ Ինչպէ՜ս չյայտնեմ հոս իմ հիացումս ձեր եկեղեցական հին դպրոցին, որ ցեղային ձեր հոգեբանութիւնը այնքան խոր ճանչցաւ ու ստեղծեց ձեզմէ տեսակ մը հօտ, այդ երկիրներուն ու պայմաններուն մէջ միայն կարելի։ Որ տառապեցաւ, բայց իրագործեց մեծ հրաշքը իր հողերուն վրայ դիմանալու։ Որ հիմա, քաղաքներու մէջ, առած է արդիական նկարագիր։ Ո՞վ փչեց ձեզի հերոսութիւնը, երբ կեանքը միշտ կռիւ չ’ուզեր։ Ի՞նչ էր մեղքը ձեր խորամանկութեան, չարքաշութեան, համբերատարութեան, ժուժկալութեան, բարութեան, որոնք ձեզ ապրեցուցին մինչեւ հիմա։

-Բայց դուք ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ ունիք այդքան ծանօթութիւն մեր անցեալին ու մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան մասին։

-Այո՛։ Մէկ հարցումով երկու հսկայ խնդիրներ կը յուզէք, որոնց դրուելու ձեւն իսկ կը տարազէ ձեր մտայնութիւնը ձեր ու մեր մասին։ Կը պատասխանեմ առաջինին։ Ձեզի համար անընդունելի բան է, որ թուրք սպայ մը հայու կտորի մը, ան ալ դատապարտուածի մը հետ, խօսի բաներու մասին, որոնց վրայ մտածելու իրաւունքն իսկ զլացուած է ծնունդով, ամէն թուրքի։ Թուրք սպան, նոյնիսկ Եւրոպայէն դառնալէն յետոյ, պարտաւոր է իր երեք կամ չորս կիները ապրեցնելու համար աս ու ան հարստահարել, ու ամէնէն շատ՝ հայերը։ Թուրք սպան լրագիր միայն կը հասկնայ ու պատերազմի դաշտին վրայ մեռնելու մարզանքէն վեր մտապատկեր մը չունի զինքը ոգեւորող։ Թուրք սպան մոյկերուն տակ կը կոխկռտէ գլուխները նորածիններուն ու կիները կը խեղդէ։ Ահա քանի մը գիծեր ձեր կազմած պատկերներէն մեր մասին։ Զարգացում, իմացական թափանցում, գիտութիւն, արուեստ, իմաստասիրութիւն բաներ են, որ թուրքին չեն պատշաճիր որեւէ ձեւով։ Անիկա միակ ազգային ու տիրական ու պատմական արուեստ մը ունի, սպաննելը։ Դասական է թուրքին անցքը ՝ արեւմտեան գրականութեան մէջ։ Ու աւելի քան դասական՝ սա յղացքը ձեր հին ու նոր մատենագրութեան մէջ, որմէ հատուածներ թարգմանած են ինծի ձեր անուշիկ լրտեսները, լուսաւորելով մեզ, փարթամ, աննուաճ եռանդով։ Բայց ընդունելով իսկ պահի մը համար այդ յղացքին աւելորդ իմաստութիւնը (փակագիծի մէջ ըսեմ, որ սպաննելը հեռու բարբարոսական արարք մը ըլլալէ, նոր ժամանակներուն ամէնէն յարգի գիտութիւնն է, ու ապագային ալ գերազանց գիտութիւնը, ու ասիկա՝ ի հեճուկս ձեր, այսինքն՝ մարդկութիւնը նորոգել փորձող նոր խաչակիրներուդ, վասնզի ձեր խօսակցութեան մէջ այդ խմորն ալ կը գործէ բարեբախտաբար, ձեզ շատ արագ տարրալուծող կեղի մը պէս տեղաւորուած ձեր ուղեղին խորը) դիտել կու տամ, թէ ճիշդ չէ մենաշնորհի վերածել կարողութիւններ, որոնք ո՛չ հանճարային են, ոչ ալ անգտանելի։ Թուրքն ալ Արեւելքի ոեւէ ցեղի չափ ներեցէք, որ խելք ունենայ։ Ու առնուազն ձեզի չափ, որ ըստ ձեր յաւակնութիւններուն՝ այսօր տիրապետած ըլլալու էիք ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքին, քանի որ խելքի հարստութիւնը չէք զիջիր ուրիշներուն։ Ձեր հարցումին երկրորդ մասը՝ ինչո՞ւ ն, նոր ապացոյց մըն է սակայն ձեր խելքին անծակ, անսրբագրելի խեղճութեան, ու կարկառուն քանդակ՝ ձեր մասին ձեր բացարձակ, հոյակապ անգիտութեան։

-Թուրքը չճանչնա՜լ։

-Մի աճապարէք։ Կը թափանցեմ ձեր մտածումներուն ձեզի չափ արագ։ Ըսի ձեր ճանաչողութեան մայր տախտակը։ Ունիմ աւելցնելիքներ, որոնց կասկածը չայցելեց ձեր նոր մտաւորականներուն։ Ձեր մեծ գրագէտներէն, մա՛նաւանդ ամենագէտ խմբագիրներէն ոչ մէկը միտքէ անցուց գոնէ մեր լեզուն սորվիլ։

-Բայց բանակ մը պաշտօնեայ տուինք ձեր կայսրութեան։

-Այսինքն՝ բանակ մը բերան փաթթեցիք մեր վիզին, որոնք մեր հացը կերան ու իրենց զաւկըներուն սորվեցուցին մեզ արհամարհել։ Այս չէ՞ թուրք շրջանակներու մէջ հայ պաշտօնէութիւն որակուած երկդիմի, ստոր մարմինը։ Ես այդ մարդոցմով չեմ զբաղիր, որոնք կ’ամչնան հայ ծնելնուն, բայց չեն կրնար թրքանալ։ Ես կ’ակնարկեմ անոնց, որ զարգացան ձեզի համար, ձեր միջոցներով, ու իրենց պաշտօն տուին ձեր ժողովուրդը առաջնորդել։ Ո՞րն է գրագէտը, որ լսած է մեր բանաստեղծներէն գոնէ մէկին անունը, մինչ ամենախեղճ ֆրանսացի տաղաչափը իր ծննդաբանութեամբը ծանօթ է ձեր ցեղին վարժապետին։ Աշխարհի բոլոր ցեղերէն թարգմանութիւններ կ’ընէք ու ձեր քիթին տակ, ձեզի հետ գրեթէ մէկ զգացող մեծ ժողովուրդի մը արուեստէն տող մը բառ չէք տար, գէթ իբր հետաքրքրութիւն։ Եւ սակայն հինգ դար է, որ կը կառավարենք ահագին երկիրներ…

-Ըսինք՝ կը պահէք գերի…

- Կը կառավարենք ահագին երկիրներ։ Ու ասիկա առանձին գիտութիւն մըն է։ Անշուշտ, մեր ընկրկումը տխմար չենք ուրանալու։ Խորունկ ցաւով հետազօտած ենք ազդակները մեր նահանջին։ Հիմա ունինք փորձառութիւնը, ճանչնալու՝ բայց վճռական կերպով, ժողովուրդներ, որոնք կը գտնուին մեր ձգողութեան ծիրին մէջը։ Ու կ’աւելցնեմ. ատոնցմէ ամէնէն արհամարհուածը դուք էիք մեզմէ։ Աւելորդ է խորանալ այդ զգացումը ծնող պատճառներուն։ Հիմա սակայն արժէքի անցաք, վասնզի ուրիշ ժողովուրդներու հեռացումովը դուք գրաւեցիք դատապարտութեան աթոռը։ Կէս դար առաջ ոչ մէկ թուրք պաշտօնատար մտքէն անցուցած է ձեզմով զբաղիլ։ Հիմա՞։ Ե ւրոպա ձեզ ըրած է իր թափանցումին անօթը։ Ահա թէ ինչու հետաքրքիր ենք ձեզմով։ Անշուշտ, այս ըսուածները ձեզի հանդէպ մեր զգացումները ի զօրու չեն տպաւորելու։ Մեր ժողովուրդը չի փոխուիր ձեր մասին իր մտածումէն եւ ձեզի հանդէպ գործելու իր ճամբաներէն։ Հազարապետ Մեհմէտները քիչ են։ Գիտուն եւ քիչ մըն ալ իմաստասէր գլուխները քիչ չափով կ’ազդեն, եթէ երբեք կ’ազդեն վարելու հարցին մէջ։ Թուրքիան այն երկիրն է, ուր աշխարհիկ գաղափարները դեռ չեն իջած զանգուածին։ Ու հայու եւ թուրքի յարաբերութիւնը ամէնէն փափուկ ու կնճռոտ իր ձեւին դարձուցիք։ Ասկէ առաջ անիկա ունէր եղանակ մը, քիչ­շատ հասկնալի, երկուստեք նուիրագործուած։ Վերջին շարժումները խանգարեցին այդ հաստատուած կարգը։ Մի մոռնաք, պարոն յեղափոխական, որ դուք, այսինքն՝ ձեր ժողովուրդը շփման մէջ է միշտ սովորական թուրքին հետ։ Ու այդ թուրքը մէկ կերպ միայն կը հասկնայ տիրոջ եւ հպատակի յարաբերութիւնը։ Որքան ալ դառն, իրականութիւնը ուրիշ երես չունի։

- Աւանդական բարբարոսութիւնն է ատիկա։

- Մի աճապարէք։ Ս խալ, ու խորունկ սխալ կա յ մեր քիչ մը կարճառօտ, արագ, բնազդական գործելակերպը վայրագօրէն դատելու ձեր եռանդին մէջ։ Նախ, այդ բարբարոսութիւնը, զոր փաթթոցին եւ ճիւպէին հետ, թուրքին իբր ազգային յատկանիշները, կը ճգնիք ընդունիլ տալ աշխարհին, միայն տաճկական մասնայատկութիւն մը չէ։ Դասական անոր մրցարանը ձեր պաշտած Եւրոպան է նորէն, ո՛չ միայն իր անցեալին մէջ յիշեցէք քրիստոնեայ պարեգօտաւոր եկեղեցականներուն խժդժութիւնները, մեծ ու պզտիկ խաչակրութիւնները ձեզի ու մեզի դէմ–, այլեւ՝ հիմա։ Հինգ դարէ ի վեր երկու Ամերիկաները իրենց վաղնջական բնակչութենէն պարպող ոգին մերինին մօտ դրուած՝ տասը հեղ կը գլէ կ’անցնի մեզի վերագրուած վայրագութիւնը։ Ֆաթիհներու, Գանունիներու բանակները նուազ վճռական չեղան իրենց յաղթանակներուն մէջ, քան Քորթէզներունը։ Այսօր Եւրոպայէն հինգ­վեց անգամ մեծ հողերու վրայ, որոնք ամերիկեան ցամաքը կը շինեն, հետքը չկայ այն քաղաքակրթութեան, որ եւրոպացիներուն մուտքէն առաջ ծաղկեր էր հոն։ Մե՞նք։ Գոնէ ձեզ չջն եցինք։ Կ’ամայանան ովկիանային կղզիները իրենց բնիկներէն։ Ափրիկէն առանց իր արեւին եւ մժեղներուն արդէն պիտի ըլլար նուաճուած. այսինքն՝ պարպուած իր բնիկներէն, անողոք, անորակելի մեթոտով մը, զոր չեն վարանիր մինչեւ այսօր գործադրել մեր դէմ կայծակ ու կարկուտ տեղացողները, իրենց ճամբուն ինկած ցեղերը սիսական անասուններու նման, առանց բանաւոր, նոյնիսկ սոսկական շահի, սպաննելով, ու ասիկա՝ պա՜րզ, գնդակի հաճոյքին համար։ Այս ամէնը բարբարոսութիւն չէ՜։ Ու է՝ երբ ուժով ժողովուրդ մը կ’աշխատի իր յաղթանակները ձեռքէ չհանել ու իր այդ ճիգին մէջ, մաքրել, քիչ մը արագ, իր խոչընդոտները։

- Ինչո՞ւ կը բաղդատէք մեր ժողովուրդը զուլուներու հետ։

- Ո՜չ, զուլ ու ներու պատկեր մը չէ այս րոպէին միտքս գրաւողը։ Այլ ձեզի չափ քաղաքակիրթ, քրիստոնեայ, եւրոպական ծագումով ու իր շնորհներուն փաստը տուած գեղեցիկ ժողովուրդ մը։ Հարաւային Ափրիկէի երկու հանրապետութիւններուն բնաջնջումը աշխարհի ամէնէն ազատամիտ ժողովուրդներէն, Անգլիայէն։

- Չեն ջարդած։

- Եթէ երբեք ուրիշ բան կը նշանակէ մարդերը փարախներու մէջ բանտարկել ու սպասել, որ մեռնին։ Ահա, պարոն յեղափոխական, ինչն է, որ չէք հասկնար։ Խրամատը խորունկ է ձեր ու մեր դատելու կերպերուն մէջ։ Մեր մասին՝ կարծիքի ամրակառոյց սիսթեմ, զոր խախտելու ոչ մէկ ջա՛նք՝ ձեզ վարելու կանչուած մարդերէն։ Ընդհակառակն, կատարուածը ամրապնդելու ահաւոր, անխելք կատաղութիւն մը։ Չ կայ երկու միտք, որ հեռուն տեսնէր, ցեղին ներարկուած այս թոյնին իբր արդիւնք պատրաստուող հոգեվարքը։ Վասնզի ոչինչ ունիք շահելիք, այս մտայնութեամբ։ Բայց վտա՛նգը՝ ամէն ինչ վրայ տալու։ Մէկդի մտածման այդ կերպին սխա՛լը՝ ձեզ կը կանչեմ ամէնէն առաջ ձեր շահին գիտակցութեան մը։ Ո՞րն է Եւրոպան, որ ռուսերու կամքին հակառակ պիտի յօժարէր գոհացում տալու ձեր փափաքներուն։ Ու չեմ հասկնար այս պարզ ճշմարտութիւնները ինչո՞ւ կ’ուրացուին։ Ձեր խեղճ, միակողմանի, մանկական տրամաբանութի՜ւնը։ Հեռազգածօրէն ուժ կը սպասէք այդ Եւրոպայէն, որուն քաղաքագէտները ձեր մէջ մշակեցին ուրիշ փորձանք մը, մեր ցեղային կենսունակութեանց դէմ արձակուած խեցեվճիռը։ «Հիւանդ մա՞րդը»։ Հարկա՛ւ։ Ու դուք հետեւելով ձեր հոգիին խօսող փարատոքսին, անոնց իսկ չսպասեցիք ձեզ մահուան դատապարտելու ձեր խանդավառութեան մէջ։ Եւ սակայն ամէն հոգեվարք մահով չի փակուիր։ Ու շատ են գերեզմանէն անգամ ետ դարձողները։ Այսպէս մշակուած հաւատքն է, որ ըրաւ ձեզ կոյր ու յիմար։ Այլապէս անըմբռնելի է ձեր ընդվզումը։ Ու աղէ՞տը։ Ան ալ հասաւ, երբ մոռցաք, թէ կ’ապրէիք մեր, այսինքն՝ թուրքերուս մէջ։ Այս սխալը, միացած ձեզմէ ձեր շինած գերգնահատութեան, պատրաստեց Ջարդը, զոր չուզեցինք, չէինք ուզեր, մեր վախերուն քիչ մը շատ ունկնդիր։ Դէպքերը ցոյց տուին, թէ մոռցեր էինք մեր նախնիքներուն հոգեբանութիւնը։ Դէպքերը ցոյց տուին, թէ դուք շատ աճապարած էիք, մեզ մոռնալու ձեր որոշումին մէջը։ Ձեր պապերը աւելի լաւ կը ճանչնային մեզ։ Դուք մեզ չէք ճանչնար։

- Շատ դառն, արենավառ ստուգութեամբ մը։

- Ո՛չ։ Թուրքը ջարդին մէջ զետեղելու ձեր ռոմանթիք յամառութիւնը։ Որ ձեզի արժեց ձեր հոգիին սխալ արեւելումը։ Հինգ դար է, որ կ’ապրիք մեզի հետ։ Պատճառ մը չկար սպասելու այսքան երկար, որպէսզի փորձէինք ձեր վրայ մեր դանակները։ Ըսի, թէ այս դարերը, հակառակ ձեր պատմիչներուն դիտումնաւոր խեղաթիւրումին, հակառակ կրօնական խորունկ թոյնին, որ մեր բարիքները ձեր աչքին չարիք երեւցուց, կը կազմեն ձեր կեանքին տանելի շրջանը։ Ի վերջոյ գերութիւնը գերութիւն է, մա՛նաւանդ ազգերու ճակատով։ Ու պարտուած ժողովուրդ մը սխալը կ’ընէ ատիկա մոռնալու։ Ձեզի համար մեր յարդարած կեա՜նքը։ Բայց տակաւին յիսուն տարի չկայ, դուք տէրն էիք ո՛չ միայն Պոլիսին, ուր ուրիշ բաներու ուշադիր մեր միտքը առանց անտեղութեան գործածեց ձերինը (վասնզի այդ քաղաքին ճակատագիրը տեսակ մը օտարութիւն է, մեղկութեան եւ հաճոյքի կեդրոն մը), այլեւ՝ մեր երկրին այն մասերուն, ուր մեր ժողովուրդը ունի իր խորագոյն արմատները։ Կրկնութիւն չէ, որ կ’ընեմ։ Այլ կ’ուզեմ ճիշդ իր եզրերուն վերածել սա ձեր լոկարիթմուած գերութեան մը առասպելը։ Դուք, անարժան ու անխելք զաւակները ձեր պապերուն, որոնք ձեզմէ հարիւր անգամ աւելի հոգեբան եղան ու հասկցան աշխարհին օրէնքները։ Առանց համալսարան տեսնելու ու յեղափոխական մկրտուելու անոնք Անատոլուի մէջ ցոյցէ զգոյշ, աչքէ խուսափող՝ գրաւեցին երկրին տնտեսութեան կարեւոր աղբիւրները, յամառ, սուսիկ՝ բայց անվնաս մեթոտներով։ Աւելի՛ն. ըրին ատիկա ` սիրելի ըլլալ ալ գիտնալով երկրին տիրոջը։

- Ուղիղ Էլտորատոն, փաշա՛։

- Աւելի՛ն, տղաս, աւելի՛ն։ Չես խորհիր, որ ամէն մարդ իրաւունքով չէ ծնած Էլտորատոներ ապրելու։ Ու չես խորհիր, որ գերիները իրենց մէջ շատ մը զգայարանքներ պարտաւոր եղան բթացնելու ` հիմնականը պահել կրնալու համար։ Անտէր հօտը, որ ձեր ժողովուրդն էր դեռ տասներորդ դարէն, աւելիին յաւակնութիւնը հիմա է, որ կ’ունենայ, երբ այդ դարերուն անիկա ծառայեց ամէն ուժովի։ Ու ծառայից ծառայի գիտութեամբ։ Յիսուն տարի առաջ շատ մը քաղաքներու մէջ ձերինները պալատներ կանգնած էին։ Ես չունիմ նկատի մասնակի պարագաներ, ձեր վրայ անհատապէս գործադրուած անարդարութիւններ։ Բայց կը յիշեցնեմ մեր եպարքոսներուն հրահանգները, ուղղուած՝ գաւառ, ըմբոստները զսպելու ղրկուած զօրավարներուն, որոնց պարտք կը դրուէր մեծ ուշադրութեամբ ականջ տալ ռալա յին տրտունջին։ Ասիկա բան մը կ’ապացուցանէ անշուշտ, որքան Ֆրանսական Յեղափոխութեան յարդարած մէկ սկզբունքը։ Այդ անարդարութիւնները չափի տարբերութեամբ մը կը զարնեն բոլոր մարդերը, նոյնիսկ նոյն ցեղին զաւակները, իրարու ձեռքով։ Կեանքը ճիշդ չէ չափել ապրուած պահուն։ Իրականը բաժինն է փոխանցուածին։ Կու գայ ատենը, երբ կը հարթուին խոցերն ու բողոքները, ու արեան ճապաղիքներէն ու կործանուած քաղաքներու փլատակներէն վեր կը կազմուի նոր ու միապաղաղ մշակոյթը։ Այսպէս են գոյացեր բոլոր մեծ երկիրները ու անոնց քաղաքակրթութիւնը։ Հարիւր յիսուն տարի առաջ, Ֆրանսայի մէկ գեղին հարուստկեկ հողատէրը, գեղացին այնքան բան չէր հասկնար կեանքէն, որքան դուք հիմա։ Եւ սակայն ֆրանսական մշակոյթը առնուազն քանի մը դար հին է ձեզմէ։ Ինչո՞ւ չունեցաք խելքը ձեր ձեռք ձգած առաւելութիւնները պահպանելու։ Ինչո՞ւ անընդհատ մշակեցիք ոճրային գաղափարը, որով նոյն հողին վրայ ապրող մարդերը հետզհետէ իրարու դէմ լարուեցան։ Ինչո՞ւ ատելութեան մեծ խմոր մը ըրիք ձեր կրօնքը, եւ ուրացաք, բռնի, յուզումներու, զգայութիւններու հանգիտութիւն մը, որ շնորհն է հողին ու ջուրին։ Ամէն բան չէ կրօնքը։ Ինծի համար անկէ աւելի կ’արժեն հողը, գետը, կանանչը, մեր հոգին հորիզոնող, փոքր՝ այլ խորունկ տպաւորութիւնները, որոնք մեզ ու ձեզ հաւասարապէս կը խռովեն, կը խանդավառեն, կ’ուրախացնեն ու կը լացնեն։ Հո՛դ է թուրքը, ինչպէս հայը։

- Չեմ գիտեր, թէ ո՞ւր չէ թուրքը, փաշա՛։ Բայց եթէ կայ տեղ մը, ուր անիկա ամէնէն աւելի հարազատ է ինքը իրեն, ան ալ սա բանտն է։ Մեծ ու պզտիկ, հարուստ կամ աղքատ, փաշա կամ ոստիկան։ Ես շփուեր եմ շատ տեսակէ մարդկային տիպարներու հետ։ Բայց ոչ մէկ տեղ գտեր եմ խորունկ սա հարազատութիւնը, որ հոգեկան է այս անգամ։

- Անցա՞ք Անատոլուն։

- Այո։

- Զգացի՞ք լեզուն, որ ձեր տեսածներունն էր։ Կը կասկածիմ։ Վասնզի ձեր հոգին զրահած էիք ատելութեան փուշերով…

- Ձեզի պէս չունեցանք ատիկա ընդոծին, ինչպէս կ’ըսեն…

- …Ատելութեան փուշերով եւ մեծ ու պզտիկ նախապաշարումներով, որոնք չդադրեցան ձեզ ներարկելէ ձեր մեծերը։ Իրաւունք չունիք թուրքը չափելու ոստիկաններէն, փաշաներէն, մոլլաներէն ու շէյխերէն. ոչ ալ գաղտագողի, դաւադիր ձեր անցքի պահուն ձեզ հետ քալող ձեր սարսափէն։ Մեր երկիրը, աղքատ կամ կիսովին շէն, բաց է սիրտին պէս մեր գեղջուկին։ Անշուշտ առաջինները կան։ Բայց ատոնց քով կայ միւսը։ Ու անարդար էք հիմնովին, ահա, այդ միւսին դէմ, որ իր անյատակ բարութեան մէջ կ’անգիտանայ, տակաւին մինչեւ այսօր, ձեր նիւթած անսահման չարիքը։

- Ո՞վ, այդ միւսը։

- Հարկաւ անցաք արտի մը մօտէն, որուն մէջ թուխի վրայ երիտասարդ մը, վիզին՝ նուսխա, այո՛, բայց մարմնացեալ բարութիւն, առջին իր լուծքը, երբ իր բերնին հետ իր ափը կը բանայ, ցորենին քովէն իր հոգին ալ պարպելու իր հերկած ակօսին։ Այո՞։ Տեսա՞ք, կը հարցնեմ ասիկա։

- Շատ։

- Անիկա առաւ ձեր բարեւը։ Ու հակառակ տարիներէ ի վեր իրեն ներարկուած դառն ատելութեան մը ձեզմէ, տուաւ իր հացը, եթէ ուզեցիք։ Այո՞։

- Այո։

- Կերաք ու անցաք, ձեր ականջը ձգած ետեւ, երգին, որ լեզուէն անծանօթ, բայց այնքան մօտ էր ձեզի, կարծես ձեր լեռներէն էր փրթեր, ու ձեր ջիղերուն վրայ ունէր խորունկ խռովք, մինչեւ ձեր աղիքներուն բաւիղները լուսաւորող, դողացնող։ Այն ատե՞ն։ Անշուշտ, դուք տխրեցաք չարաչար, ձեր ոճրային ծրագիրներէն աւելի, սա խորունկ յուզումներուն մարդկային իրականութեանը համար։ Այն ատեն դուք այդ մշակին մէջ հաշտեցուցիք մեծերուն արիւնախանձ ախորժակներն ու խոնարհներուն անպարագիծ գեղեցկութիւնը, ակօսի մը գիծով հազար ժողովուրդ դէպի բարութիւն ու խաղաղութիւն առաջ տանելու սրբազան հրաշքը։ Եղա՞ծ է ձեր մէջ այս սրբազան հաղորդութիւնը, թէ ոչ։ Կը հարցնեմ ձեզի։ Պարտաւոր էք խոստովանիլ, եթէ գռեհիկ բախտախնդիր մը չէք, որ զգացումներն ալ չի խղճահարիր ներկելէ։ Իմ կարգիս, ես զգացեր եմ ատիկա, ինքս, ձեր մէկ գեղին մօտիկէն անցած պահուս։ Յեղափոխական չէի, ոչ ալ գիրքերով այլասերած բանաստեղծ մը, այլ՝ պարզ մարդ մը։ Հոն էր նոյն թուխ երիտասարդը, առանց նուսխայի, քովիկը պարզուկ բան մը, անշուշտ կինը։ Աւելի անդին՝ յարմարցուկ շուքի մը օրան, պառաւ, պզտիկներ։ Ու թուխ երիտասարդին բերանէն կը թափէր անըմբռնելի դաշնակութիւն, լայն, խոր, որ ծուփքին մէջ կ’երթար գտնելու ժամ մը անդին նուսխայով տղուն երգը։ Ու հողը ինծի կը թուէր հագուած այդ ոսկի թելերովը ժողովուրդի զգացումներուն։ Ի՜նչ հարկ հասկնալ ձգտիլ բառերուն իմաստը։ Ես կը զգայի այդ հայուն երգը իբրեւ իմը, ու տպաւորուեցայ շատ աւելի խոր, որքան չունէի ատիկա եղած Պերլինի կայսերական օփերաներուն շքեղ կամարներուն ներքեւ։ Ահա խոստովանութիւններ, որոնք շինծու չեն։ Ու ձեր բառով՝ թուրք ալ ըլլալու չեն։

- Ճշմարիտ կը խօսիք։

- Հա՛, հոդ, այդ ակօսի ափերուն է թուրք ժողովուրդը։

- Թուրք ժողովուրդը ես տեսայ բանտի բակերուն, սրահներուն, ճամիի հրապարակներուն, երբ ատել կը սորվէր ու դանակ կը սրէր։

- Օ՜, ձեր քլիշէ պատկերները։ Այդ թուրքը հոդ ղրկողնե՞րը։

- Դո՛ւք։

- Կառավարութիւնը շահ չունի կոտորածէն։ Բայց չի կրնար դաւաճաններ հիւրընկալել։ Թուրք կայսրութիւնը ձեր կարծածին պէս օդային ու բախտէն շինուած կառոյց մը չէ։ Մեր սուլթանները մեծ են, նոյնիսկ իրենց սխալներուն մէջ, որոնք իրենց շրջանին հեռու են այդպէս տարազուելէ։ Ընդունեցէք, որ ծանօթ աշխարհին մօտաւորապէս կէսը տիրակալող ուղեղները պուտ մը խելք ալ ունէին, երբ ձեզ ողջ պահեցին։ Չեմ ըսեր, թէ ատիկա ասպետական զգացումներէ բխող շարժում մըն էր, բայց խորքին մէջ մօտ էր այն պարզութեան, որուն խորհուրդը ձեզի մատչելի ըրի ակօ ս ի ափին աշխատող երիտասարդով։ Այս նմոյշէն մինչեւ ոսկեզօծ ուսնոցներով վէզիրը, որուն խանչեր էն թշնամիին արիւնը պէտք չէ որ պաղի, եւ կամ ձեր ներկայացուցածին նման երկու ձեռքերուն եաթաղան գազանը՝ դժուա՞ր, ճամբան։ Թերեւս։ Բայց ձերն է մեղքը, որ ըրիք ատիկա դիւրին։ Ձեր դժբախտութեան աւելցուցիք նաեւ մեծ սխալը՝ շփոթելու համազգեստը, զինուորը, պետութիւնը բուն ժողովուրդին հետ։ Ու առաջիններէն ձեր զգացած սարսափն ու նողկանքը տարածեցիք երկրորդներուն վրայ։ Պետական կեանքէ ձեր երկարդարեան ձեռնթափութիւնը նպաստեց այդ շփոթումին։ Բուսական կեանքի վարժութիւնները լրացուցին պակասը։ Թուրքը հանուեցաւ իր իմաստէն ձեզի համար անիկա չունէր Եւրոպայի վրայ իր ստեղծած մռայլ ու ահարկու պատկերը ու վերածուեցաւ աժան հրէշին։ Պատմութեան հանդէպ ձեր անտարբերութիւնը մարդ այդպէս կը վարուի իր չունեցած, ունենալ չկրցած բաներէն ինքզին ք ը մխիթարելու պէտքին առջեւ ձեզ հեռու պահեց ազգերու խառնուածք, իմաստութիւն, հոգեբանութիւն որակուած ճիշդ չափով գնահատելու բախտէն։ Ե թէ տրուէր ձեզի ալ պատեհութիւնը քսան­երեսուն ժողովուրդ լուծի տակ պահելու, ու պահելու՝ չորս կողմէն թշնամի մղումներու գործիք, այն ատեն պիտի մօտենայիք մեր կերպերուն նուազ խստութեամբ։ Ասկէ զատ, կրօնական ատելութիւնը, որ ձեր սերունդին մէջ ալ կորսնցուցած է իր ժահրը, բայց կը պահէ իր ամբողջ ուժգնութիւնը ձեզմէ վար դասակարգին մէջ, լրացուց պակասը։ Ահա, պարոն յեղափոխական, դատումներ, որոնց անհաղորդ ըլլալու չէր յեղափոխական մտայնութիւնը, ու Ռուսիա եւ Գերմանիա պատրաստուած ձեր համալսարանական սերունդը, աւելորդ գործունէութեան մը տուած է ինքզինքը, երբ այնքան հիմնական բաներ կան սեղանի վրայ։

- Բայց մեր կուսակցութիւնը ճիշդ ձեր գաղափարներով է, որ կը պայքարի փաշաներուն, ճիւպէներուն, համազգեստներուն ստեղծած հոգեբանութեան դէմ։

- Նորէն մեծ, շատ մեծ բառեր։ Պայքա՜ր։ Ո՞վ էք դուք սակայն։ Որքան աժանցուցած էք բառը։ Ի՜նչ աւելորդ, չըսելու համար յիմարական եռանդ է այդ պայքարը ձեր բերնէն այդպէս նետուած չորս ծագերուն։ Ձեր ուժերը եւ մեծ կայսրութեան մը արմատական յեղաշրջումը։ Շիտակը, լաւ համեմատութիւն։ Տէրտէրի եւ վարժապետի վէճերէն գլուխ վեր չառնող մարդեր, որոնք մէկ օրէն միւսը բարձր դիւանագիտութիւն պիտի վարեն ու բարեկարգեն օսմանեան երկիրները։ Ինչո՞ւ չունիք այսօր խելքը՝ իրական, սուր, օգտաւէտ տեսնելու, դո՜ւք՝ որ ուրիշ գետիններու վրայ գործնական ու ճարտար եղաք, ձեր պահպանումին, զարգացումին համար այնքան նպաստաւոր արդիւնքներով։ Ձեզի՞ է մնացեր դարաւոր եղանակներ զգալու եւ ապրելու։ Մեծամտութիւն է առնուազն ձեր այդ ծրագիրը, որքան նաեւ սքողուած նենգութիւն։ Ինչո՞ւ չէք ընդունիր, որ Արեւելքի մէջ հոգին ծոյլ է՝ բաղդատմամբ Արեւմուտքին (որակի հարց չեմ ուզեր, ոչ­հելլէն տրամաբանութեամբը զարդարուած նոր յաւակնութիւնը մարդոց, որոնց նախահայրերը մեզի պէս Ասիոյ տափաստաններէն խուժեցին Արեւմուտք ու ըրին մեզմէ աւելի նախճիր ու բռնութիւն) ու կը խրտչի ուժգին շրջումներէ, մա՛նաւանդ արագութենէն։ Զգալու մէջ որքան անկախ, խոր, ինքնատիպ ու անձնական, մտածելու մէջ նոյն համեմատութեամբ հետեւակ, այդ Արեւելքը հաճոյքով պիտի լքէ միտքին բեռը մտածելու մեքենականութիւնը ուրիշներու, այսինքն՝ մեծերուն։ Հինէն ի վեր հսկայ միապետութիւնները Ասիայէն մարմին առին։ Ուրիշ չէր կրնար ըլլալ մերինը։ Զանգուածին այս կրաւորութիւնը մինչեւ հիմա պատճառ է, որ մեր մեծերը պատրուին իրենց մասին։ Մեր քաղաքակրթութեան ետ մնալը մեր մեծերուն կը պարտինք, որոնք չեն կրնար քալել ժամանակին հետ։ Մեր մեծերը Արեւմուտքին կարգ մը հոսանքները մեզի բացին։ Օրինակեցին դիւանապետութիւնը, թուղթով վարելու գէշ սիսթեմը, բայց զգուշացան իրենց կիները առանց սաւանի պտըտցնելէ։ Աւելի՛ն. թիւով պակսեցնելէ։ Մեր պալատներուն մէջ մուտք ունեցան եւրոպացի արուեստագէտներու նկարներ, արձաններ, բայց մեր կանանոցներուն ապակիները չազատեցան վանդակէ։ Ասոնք կ’ըսեմ, ցոյց տալու համար, որ նոյնիսկ մեր ձեռքով մատուցուած նորութիւններուն հանդէպ հեռու է մեր ժողովուրդը։ Ի՛նչ որ մեր վէզիրները, փորձ եպարքոսները, Եւրոպան խաբող դիւանագէտները զգուշացան ընելէ, ներեցէք, որ աւելորդ ուժասպառում նկատեմ ձեր կողմէ զանոնք իրագործելու սա վաստակը։ Ձեզմէ ոչինչ պիտի յօժարէինք առնելու։

- Առած էք սակայն։

- Կը հասկնամ ու կը ցաւիմ։ Ապահովաբար կ’ակնարկէք թատրոնի քանի մը աղջիկներուն, որոնք մեր երիտասարդները մօտեցուցին ներկուած վայելքներու։

- Թատրոնը դատելու ձեր եղանակը շատ ուշագրաւ է, փաշա՛։

- Թատրոնը դատելու ձեր եղանակը նոյնքան տղայական է, պարոն յեղափոխական։ Լաւագոյն վայելքները երբէ՞ն ի վեր լաւագոյն մշակոյթը կը հոմանշեն։ Այն ատեն թրքական խոհանոցը, որ համերու զարմանալի գիտութեամբը իր նմանը չունի աշխարհի ոչ մէկ մասին մէջ, մեզի պիտի շահէր առաջնութիւնը ազգերու կրկէսէն։ Դերասանուհին, մա՛նաւանդ ինչ որ տուած էք ասկէ առաջ, մարմինի ցուցադրում մըն է ու քիչ ուրիշ բան։ Դերասա՞նը։ Ձեզի կը ձգեմ դատել այդ օտար, իրենց անձէն տարագիր մարդերը։ Մեզի տուիք քանի մը տպարան, որոնք իրենց տէրերը հարստացուցին։ Ու տարազներ, որոնք Արեւմուտքի զարդը ընդհանրացուցին։ Ատոնք մշակոյթին կեղեւը կը կազմեն ու չեն փրկեր ամբոխներուն խոր անհաղորդութիւնը իրենցմէ։ Հակառակ իրենց դիւրամատոյց կիներու անբաւ առատութեան, քրիստոնեայ հասարակութիւնները Պոլսոյ մէջ չփոխեցին մեր հոգին։ Բերան եւ Սթամպուլը զատ, իրարու անթափանց կոյտեր են, էին։ Մեր ընտանիքը կ՚ ապրի Անատոլուի պայմաններով։ Գ աւառներուն մէջ քիչ կը յարգենք, ձեր բարքերուն լրջութեանը չափով։ Բայց յարգանքը հոմանիշ չէ սիրոյ։ Ասկէ առաջ ալ մեր գեղացին ձեզ չէր սիրեր, բայց չէր ալ ատեր, ինչպէս մարդ չի կրնար ատել իրեն պիտանի բան մը։

- Ընտանի անասուն մը, օրինակի մը համար։

- Չըսի բառը, խնայելու համար ձեզի, այդ մտածումին զուգորդ քլիշէ զգայութիւնները։ Չ ըսի, վասնզի կը խորհիմ, թէ պիտի գայ ատենը, երբ դուք բռնի պիտի անդրադառնաք ձեր սեփական սխալներուն։ Պիտի աւաղէք ձեր աճապարանքը անջատուելու ձեր պապերով նուիրագործուած ուղղութիւններէն։ Զուր տեղը չէ, որ երկու հազար տարի հանդարտ կը մակաղիք ձեզի ցոյց տրուած փարախին մէջ, որ ձեր գերութիւնն է։ Վասնզի ձեր պատմութեան ուշադիր վերլուծումը ուրիշ վճիռի չի հաներ օտարը։ Ձեր պատմիչները միայն չեն հասկնար ահաւորութիւնը այն հոգեբանութեան, որով մեծ նահանգներու տէր թագաւոր մը կը լքէ, կամովին, իր երկիրը, զայն փոխելով (բայց չէք ըմբռներ, թէ ի՛նչ յատկանշական փաստ է ասիկա ձեր աւազութեան) ուրիշի մը հետ, այս անգամ յոյներու արքային պատկանող։ Ես կարդացեր եմ ձեր Փարպեցին։ Ու հինգերորդ դարու ձեր նախարարները, որոնք պարսիկ մարզպաններով կը փոխարինեն իրենց թագաւորը։ Ու աւելի վերջը, Միջին դարու ձեր մեծ ու փոքր թագակիր յիմարները, որոնք իրենց երկիրները կը յանձնեն աս ու ան օտարին, առանց կռուի, դաշինքներով։ Այս է դասը ձեր անցեալին, ըսել կ’ուզեմ՝ ձեր իշխող բնազդներուն։ Այս ազնուականներուն ստորնութեանցը տակ ձեր ժողովո՜ւրդը, որ, ինչպէս այսօր, յիմար է նոյնքան։ Որ այդ ատեն ալ տուաւ իր կրցածը իր ապիրատ իշխաններուն, ինչպէս կու տայ ձեզի հիմա իր պուտ մը արիւնը։ Գուցէ իմ կողմէ մեծամտութիւն է այս փոքրութիւններուն, փոքրոգութիւններուն փաստերովը, ձեզ ընկճել ջանալ։ Բայց իմ բերնէ ս խօսողը միայն ձեզի թշնամի թուրքը չէ, այլ նաեւ քիչիկ մը խելքի տէր մարդը, որ կարդացած է ազգերու կեանքը եւ կը յաւակնի ճանչնալ պատմութեան մեծ դասերը։ Մեր իմաստութիւնը պատմական է, պարոն յեղափոխական, ոչ ձեր փառաբանած ձեւով, որ թուու մ մըն է դէպքերու, այլ՝ համադրական։ Կը դատենք ժողովուրդները համաձայն իրենց բանակներուն, թռիչքին ու արիւնի ախորժակներուն։ Խուզարկեցէք անցեալը, ո՛չ միայն ձերինը, այլեւ՝ ուրիշներունը։ Այն ատեն թերեւս հաշտուիք կարգ մը դժնդակ փոքրութիւններու։

- Որոնք նոյնքան ծանր արատով կը հերքեն ձեր յաւակնութիւնները, մա՛նաւանդ վերջին երկու հարիւրամեակին, երբ ձեր բանակները Պոլսէն կը մեկնէին, նուաճուած երկիրներու բարիքները սպառելէ յետոյ, թշնամիին չմօտեցած, անոր հոտէն, ու կը դառնային ետ ` անոր բանակներուն իբր յառաջապահ ծառայելով։ Ե րբ ձեր մէկ փաշան, ափ մը կարգապահ զինուորներով ձեզ կը ջախջախէր յաղթանակի ձեր դաշտերուն վրայ ու Ե գիպտոսէն Պոլիս կը վազէր, առանց որ ձեր փառաբանած ռազմական հանճարը արգելք մը հանէր այդ յառաջխաղացումին։ Այս բաներն ալ կ’ըսէ ձեր պատմութիւնը։ Ու զուր տեղը մեզ կը նախատէք մեղքերով, որոնք ուրիշ ժողովուրդներու քով դիտուած են մերինին չափ վճռական ցուցադրումով։

- Տարբերութեամբ մը։ Քայքայումի շրջանները, նորոգման երբ կը ծառայեն, ուժ կը նշանակեն, պարոն պատմաբան։ Մծբինի դաշտին վրայ եգիպտացիներէն մեր պարտութիւնը արգելք չեղաւ, որ մեր բանակները Խրիմի պատերազմին յաղթական դուրս գան ռուսերուն դէմ։ Բայց պատմութեամբ վէճ չի լուծուիր։ Հարցը փոխադրեցէք ձեր իրականութեան։ Ձեզի համար ազգային կեանքը հիմա «Մահ կամ Ազատութիւն» աժան տարազին մէջ կը խտանայ։ Անշուշտ կը հնչէ այդ բանաձեւը քիչիկ մը անուշ, մա՛նաւանդ՝ երբ Փարիզի, Ժընեւի հանգստաւէտ որրաներուն մէջ կու գայ դուրս, ցաւագար ուսանողներու բերանէն։ Բայց այդ տարազը ինքնին չի դառնար քաղաքական բնաբանը ժողովուրդի մը, որ մինչեւ իր ոսկորները ապականած է գերութեան ժահրով մը։ Որ այդ տարազին շուրջն անգամ երեւան կը բերէ ամէնէն ստորին եսասիրութիւնը ու չի կրնար միանալ գոնէ թուրքին դէմ։ Ու մենք գիտենք ատիկա։ Ու գիտենք աւելին, մեր շարժումին ամէնէն տխրագոյն կողմը։ Դուք աղմուկով, ստուերով, մուխով, ըսե լ կ’ուզեմ՝ մեր վրայ գործադրուած զսպումին անդրադարձովը կը մտածէք շահիլ ձեր Դատը։ Ու այս է ահաւորը։ Մարդիկը կը տանիք մահուան ու անոնց պոռչտուքը կ’երկարաձգէք Եւրոպայի դէպի ականջները։ Ահա թէ ո՛ւր է նուաստ, անըմբռնելի կողմը ձեր գործունէութեան։ Ասիկա կը նշանակէ ձեր պարտութիւնը, դեռ պայքարէն շատ առաջ։ Ատիկա մենք կ’անուանենք գերիներու հոգեբանութիւն, որ մօտիկն է գերիներու բարոյականին։ Եւ սակայն յաղթողներու հոգին վեր է այդ հաշիւներէն։ Ո՞ր հելլէն իմաստասէրը, թատերագիրը վայրկեան մը մտքէն անցուց զբաղիլ ողբերգութեամբը իրենց գերիներուն, այնքան իրական, սրտառուչ՝ այսօրուան մեր զգայութեան համար։ Եւ սակայն, աշխարհի ամէն երեւո յ թներուն շուրջը հետաքրքրութեամբ թափառող Արիստոտելը չունի նշմարանք միլիոններու հասնող այդ զանգուածին տառապանքներէն՝ ինչպէս անկէ երկու հազար տարի վերջն ալ, այսինքն՝ հիմա, ոչ ոք կը զբաղի երեք հարիւր միլիոնը անցնող սեւամորթներուն պարտադրուած անճիտումով։

­Մենք սեւամորթ չենք։

-Յանցանքը մորթինը չէ ապահովաբար. յանցանքը թիւինն է, խելքինն է, հաւաքական կամքի տնանկութեան։ Չեմ գիտեր կ’արժէ՞ք աւելի, սա տեսակէտներէն, քան սեւերը։ Անշուշտ, պիտի նետէք գլխուս տարազները ձեր գիտնականներուն, հնդեւրոպական արիւն, բարբառ, ազնիւ ցեղ… բայց ատոնք դուք միայն կ’ըսէք։ Ու ճիշդ ըլլալու պարագան ալ բան չի փոխեր, որ ձեր հոգին ճերմակ մորթի տակ մնայ հաւատարիմ իր սեւ յատակին։ Կ’արժէ՞ք աւելի։ Դուք է, որ կ’ըսէք։

-Կ’արժէի՞ն աւելի յոյները…

-Սերպերը, ռումէնները, պուլկարները. ես շարունակեմ ձեր տեղը։ Ո՜վ գիտէ։ Բայց հարիւր տարի առաջ այդ ժողովուրդները զիրենք ազատող եւրոպացիներու աչքին ունէին ձեր այժմու արժէքը։ Աս ալ պատմութիւնը կ’ըսէ։ Այսօր, անոնք ազատ են։ Ու դուք կ’ընդհանրացնէք պատահարը առանց կասկածելու, որ պայմաններու, շահերու, քաղաքական ազդեցութեանց ամբողջ նոր դասաւորում մը կը ճնշէ ձեր փափաքներուն զսպանակին։ Ե ւրոպան ամէնէն առաջ դէմ է անոնց։ Ձեր ազատագրութիւնը ռուսական գրաւումին նախաբանն է Անգլիոյ համար։ Ու ասիկա բաւ է, որ այդ քաղաքականութիւնը դատապարտուի ամլութեան։ Ձեր ազատագրութիւնը տրամագծօրէն հակառակ է ռուսական շահերուն։ Մե՞նք։ Այսինքն՝ ձեր բուն տէրերուն շահերը արդեօք ի՛նչ կերպ կը խօսին։ Մենք ասիական պետութիւն ենք հիմա ու կը պահենք երազներ։ Ա շխարհի բոլոր բարիկամեցողութիւնները անկարող պիտի ըլլային մեր ճամբուն վրայ հանդուրժել ձեզ պէս արգելք մը։ Ասիկա՝ պարզ։ Աւելի՛ն. ձեզմէ ի՞նչ ենք առած, կը կրկնեմ ասիկա, ձեզի ետ դարձնելու համար։

-Մեր հայրենիքը։

-Ե՞րբ է անիկա ձեր հայրենիքը։

-Հոն է մեր ժողովուրդը։

-Եթէ Միացեալ Նահանգներու սեւերն ալ իրենց գոյութիւնը փաստ արժեւորելով պահանջելո՜ւ ելլէին այդ երկրին հարաւային մասը… ։ Կը տեսնէք, որ անհեթեթութեան մէջ կ’իյնաք։ Թուղթերու, պատմութեան, դիւանի իրաւունքներ։ Ինչո՞ւ կը յաւակնիք ատոնք գերադասել, քան սուրին, արիւնին, միսին իրապէս տիրապետութեան մեծ օրէնքները։

-Փաշա՛, ձեր այդ մտածումները Միջին դարէն ալ վար կ’իջնեն։

-Գուցէ՛։ Բայց ձեր այդ դատողութիւնը դասագիրք կը հոտի, պարոն յեղափոխական։ Ու կ’ընդգծեմ ձեր աւելորդ ալ եռանդը հաւատալու բաներու, որոնք դպրոցի սեղաններէն կը կառչի մեր ուղեղին։ Ատոնց ճակատագիրը հերքուիլն է կեանքէն։ Ուսանող կը մնան անոնք, որ այդ սրբագրումը չեն հարկադրեր իրենց պատրանքներուն։ Միջին դա՜ր։ Ու ասիկա բերանին մէջ ձեզի պէս մարդոց, որոնք ուխտ են ըրած ժողովուրդ ազատելու։ Բայց ասով ձեր տիպարը կը նոյնանայ բոլոր երկիրներու յեղափոխականներուն հետ, որոնք, կեանքէն փախչելով, մշուշին կ’ապաստանին, յաւիտ ե նական ուսանողներ մնալու իրենց յամառութեամբը սրտառուչ։ Մէկդի այն պարագան, որով նոր ժամանակները ա՛ն՝ զոր Միջին դարը չէք կոչեր կ’ոսկեզօծէք այդպէս աւելորդ փութկոտութեամբ, Արեւմուտքին համար (վասնզի փակագիծի մէջ կ’արժէ ճշդել, որ գերութիւնը շղթայ է փոխած եւ կայ ու կը մնայ, աւելի շքեղ, քան երբեւիցէ), ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրեմ ուրիշ կէտի մը. այն է՝ Արեւելքին իմացական բարեխառնութեան, որ դեռ հեռու է հրաժարելէ ձեզմէ, Միջին դար որակուած մտայնութենէն։ Նո՞րը։ Այսինքն՝ ժամանակակից կարգե՞րը։ Օ՜, ձեր անուշիկ պատրանքները։ Ձեր յիմար պատրանքները, երբ կը բաւարարուիք Պոլսոյ եւ Թիֆլիսի ու քանի մը կեդրոն քաղաքներու մէջ ձեր եւրոպական զգեստէն, դերասանուհիի կտորուանքներէն, ձեր կիներուն բաց շրջիլ կարենալէն։ Աս չէ՞ ձեզի համար նորը, Արեւմուտքը, այսինքն՝ Միջին դարուն հերքումը։ Ո՜վ միամտութիւնը դպրոց աւարտողներուն, որոնք պիտի պտըտին գիրքերուն մշուշովը։ Աւելի՛ն. որոնք բռնի զիրենք պիտի դնեն ուրիշ լուսապսակի մէջ։ Ու փողկապ մը կրելու չափ շնորհը պիտի արժեւորեն իբր զինանշան մը Ա րեւելքէն անջատուելնուն։ Ասոնցմէ անդին, անդի՛ն, կ’աղաչեմ։ Անդին՝ սա գիրքերէն ու զգեստներէն։ Մեծ, անխուսափելի Արեւելքը, որ բառ կամ մշուշ չէ, այլ՝ բռնաւոր աստուածութիւն։ Որ ձեր ամէն մէկ նեարդն է հիւսած իր տրտմութեամբը, թալուկովը, անփութութեամբը, ճակատագրապաշտութեամբը, ու՝ հոգեմոյնքի, չեմ ըսեր բարոյականի՝ այն ընդհանուր թուլութեամբը, որ անոր անսահման հողերուն գոլն է մեր խառնուածքներէն ներս։ Որ տուած է ձեզի ձեր տկարութիւնները, անոնց մէջ ինքնաբանտուելու հզօր ալ միսթիքը ու պահած ձեզ անփոփոխ դարերու սանդուխի մը վրայ։ Ու լիովին Արեւելք ըլլալնուդ հակառակ, մեղք գործեցիք զայն ուրանալ կեղծելու։ Խորհա՞ծ էք այդ ահաւոր յիմարութեան, որ ձեր գերութիւնը արժած է ձեզի, ըսել կ ՚ ուզեմ՝ ձեզի համար պաշտամունք է դարձած։ Իբր քաղաքական արտայայտութիւն դուք փաթթուած էք Արեւելքէ այդ փախուստին ու ատիկա բաւ էք համարած ձեր գործունէութեան, մինչ երկինքին վրայ անիմաստ շահադիտութիւն մըն ալ ձեզմէ զեղչած է կսկիծը ձեր ներկային։ Նահատակուիլը, բայց կրաւոր, ձեր մեծ ուժն ու հմայքը եղաւ դարերով։ Ու տակաւին այսօր այդ յիմարութիւնը կ’երգէք, կը քնարերգէք, առանց անդրադառնալու, որ Արեւելքին դաւերով չէք հասնիր Արեւմուտքին։ Ու կը կորսնցնէք երկուքին ալ համակրութիւնը։ Ա րեւելքը ձեզ պատժեց։ Մօտ է օրը, երբ Արեւմուտքը ձեզի պիտի ըսէ իր անհուն, անգութ անտարբերութիւնը ձեզմէ։ Հեռու ինձմէ ամրակուռ գաղափարներուն ամրակուռ բռնութիւնը։ Բայց, իմաստուն պարոններ, հարկ է ուշադրութեան առնել բարդ օրէնքներ։ Ձեր երկրին վրայ ինչ հակամարտ քաղաքականութիւններ իրարու բախեցան, ձեզ տիրողներուն ուղեղէն։ Դիմացաք ` անոնց հանդէպ ձեր անտարբերութեամբը։ Հիմա կը լքէք ուղեգիծը։ Ու կը փորձէք նորը։ Մեզի համար վտանգը նուազ է մտայնութեան շրջումի մը առջեւ, քան թէ ձեզի։ Դուք անգամ մը կառուցուած, դարերով նեցուկուած շէնքին կը նմանիք։ Կանգուն էք ու կը հաւատաք, թէ ատիկա ըրիք ձեր ուժով։ Բայց կը բաւէ, որ ձեր կողերէն մէկ­երկու խոշոր հատուածներ փրթին, պիտի հոսիք վար, ալիւր դարձած ձեր ոսկորներէն։ Ու այս անգամ անկանգնելի, վասնզի այդ կանգնումին արգելքները շատ են հիմա, դուրսէն՝ որքան ներսէն, այսինքն՝ ձեզմէ։ Ձեզի կը պակսի սրբազան խմորը, որ շաղախը ըլլար նոր կառուցումին։ Ի՛նչ որ երեք­չորս դարու ընթացքին իբր նոր տուիք ձեր ժողովուրդին՝ ատ ալ ձեր Պոլիսն է, որմով խանդավառուիլ կանխահաս է դեռ։ Չեմ գիտեր, թէ ինք իր ուժին ձգուելու պարագային, ձեր Պոլսոյ ընկերութիւնը պիտի կրնա՞ր այդքանն ալ մէկտեղել։ Գաւառներէն անդադար թարմ հոսանքն էր, որ արգիլեց նեխելէ, ճղճիմ ճռզելէ սարաֆներու, պազիրկեաններու, չերչիներու, էսնաֆներու կտորուանքներէն սանկ ու նանկ ճարուած ձեր հասարակութիւնը։

-Ինչո՞ւ կը մոռնաք, որ ձերինը ատոնցմէ ստոր տարր ե րով է գլխաւոր։

-Դարձեալ կարճ է ձեր նայուածքը։ Մեր ընկերութեան պոլսական ազնուամասը կարելի համադրութիւնն է արիւնին եւ նստուկ տուրքերուն։ Մեր սուրերը մեզի բերին ամէնէն նուրբ կիները երեք աշխարհներուն։ Ընկերաբանօրէն հին ու նոր արիւններու այս խաչաձեւումը ամէնէն աւելի կը նպաստէ ազնիւ տեսակներու զարգացումին։ Իր բոլոր վայրագութեամբը Պոլսոյ թուրք ժողովուրդը իբր խմոր հարիւր անգամ աւելի կ’արժէ, քան ձեր ազնուաշուքներու եւ մեծահարուստներու երկդիմի կարաւանը։ Բայց զիրար նախատելու համար չէ, որ կը զոհեմ ես այս ժամերը։ Կ’ուզէի ապացուցանել, որ ընկերային յեղաշրջումները մեզմէ շատ առաջ պիտի սպառէին ձեր անկնիք, անաւանդ, անանցեալ Պոլիսը։ Փաստը մէջտեղն է։ Կրօնական շատ թեթեւ փոփոխութիւն մը, գրեթէ յարանուանական, ձեզմէ ընդմիշտ կտրեց հարիւր հազարի հասնող զանգուածներ, որոնք ո՛չ միայն ձեզ կ’ուրանան այսօր, այլեւ կ’ատեն իրենց անցեալը, անլուր անգթութեամբ մը։

-Ոչ ոք մեր մէջ ունի այնքան սրբազան սէր հանդէպ մեր անցեալին, որքան Մխիթարեան Միաբանութիւնը։

-Փառք տուէք կղզիին, որ զանոնք կը զատէ զանգուածէն։ Պոլսոյ մէջ անոնց դպրոցներէն հասնող պետական անձնաւորութիւններ իրենց տուներէն ներս արգիլած են ձեր լեզուն։ Աւելի՛ն. անոնք ձեզ կ’ատեն թուրքէն վեր ուժգնութեամբ մը։ Վկայ՝ իմ իսկ տեղեկութիւններս, որոնք քաղեր եմ այդ կրօնափոխներուն մտերմութենէն։ Ու հրաշքն իսկ անկարող պիտի ըլլայ ձեզ մօտեցնելու ձեր հաւատափոխ եղբայրներուն, կաթոլիկներուն ու բողոքականներուն։ Այս վարկածները բան մը կ’ապացուցանեն ի վերջոյ։ Ձեզի պէս հին ժողովուրդ մը, առանց արտաքին պատ ո ւաստի, արդէն ախտաւոր է ծերութեան արգասիք անխուսափելի արատներով։ Ու ձեր վարիչները մեղք կը գործեն, երբ, անտեսելով այս ցուցմունքները, զայն կ’ենթարկեն մեծ ու վտանգաւոր փորձե ր ու։ Բոյսեր կան, որոնք իրենց կլիմայէն դուրս կը մեռնին։ Ազատութիւնը, ատոր ծարաւը, ատոր իրականութիւնը իմացական բոյսերու կը նմանին, ու կարօտ են իրենց յարմար հողերուն ` արմատ ձգելու համար։ Քանի՜ անգամներ ատոր փաստը արձանագրած է ձեր պատմութիւնը։ Իմ կարծիքով, ձեր ժողովուրդը բնաջինջ ընելու ամէնէն ապահով ճամբան ձեր առջեւ բաց ձգելը պիտի ըլլար քաղաքական գործունէութիւն մը հնարաւոր ընող բոլոր սնոտիքներուն։ Վճռապէս համոզուած եմ, որ ձեզի նուիրուած ազատութիւնը, ձեր ձեռքով գերութեան վերածելու համար՝ պիտի գերազանցէիք ձեր նախահայրերը։ Ու երկու քսան տարիի մէջ, սրտի մեծ հանդարտութեամբ, իրար հալածելով, սպաննելով, պիտի կործանէիք ձեր ժողովուրդը, միշտ պայքարի դրօշակը ձեր առջին, նոյն գաղափարը պաշտպանած ատեննիդ իրար տապալելով։ Ուրիշ չէ իրականութիւնը յեղափոխական որակուած ճակատներու վրայ։ Ամէն գաղափար օգտակար չէ որեւէ գետինի։ Ազատութեան սերմը պիտ ի չունենար ուրիշ բախտ ձեր մէջ։ Ան պիտի քայքայէր ձեր հոգին իր արարչահիւթէն, որ կազմուած է ծորումներովը ձեր անցեալին, դարաւոր Արեւելքին, լեղի՝ բայց դանդաղ, ծանր վայելքին, ու խորունկ ու լուրջ բաներու թաքուն գեղձերուն, ժողովուրդէ ժողովուրդ բաշխուած անոր հոգերակներն ի վեր։ Փա՞ստ։ Աչք պտըտցուցէք ձեզմէ աւելի հին, զօրաւոր, ամրակառոյց ուրիշ ցեղի մը այսօրուան համապատկերին։ Ինչ որ քսանի մօտ դարերու հալածանքը չէր ըրած, հրեաներուն հոգեկան շաղախը խախտելու տեսակէտէն, դարու մը ազատութիւն գլուխ է հանած, առանց սուրի ու աղմուկի, անսպասելի դիւրութեամբ։ Դար մը վերջը սեմական հարց չկայ։ Ձեր վերջին գաղթականութիւնները Հունգարիա, Լեհաստան, մինչեւ իսկ Հնդկաստան տարբեր բան չեն ապացուցաներ։ Կովկասի մէջ ձեզի սպասող վախճանը բացայայտ է ինծի։ Մե՜ղք, որ չեմ կրնար համոզել մերինները ` ընդգծելու այս տեսութիւնները։ Այն ատեն դուք ձեր ձեռքովը պիտի քանդէիք ձեր հոգին ու այսքան անախորժ խռովքներու աղբիւր Հայկական Հարցն ալ ինքնաբերաբար պիտի ըլլար լուծուած, ձեր ջնջումովը։ Կեցցեն խաղաղ միջոցները, որոնք կը հասնին իրենց նպատակներուն անողոք ապահովութեամբ։

-Չեմ ըմբռներ ձեր անգթութիւնը, որքան աղերսը մեր ջնջումին եւ մեր մեղքերուն։ Բայց սա անգթութիւնն է թուրքին մէջ։ Վասնզի հաշիւով կը գործէ։

հարկ է, որ նոր է ձեր դէմինը։ Ներեցէք, որ ամէն թուրք մտածէ իր հայրենիքին ու մտածէ բոլորանուէր։ Տարրերու քաղաքականութիւնը, որ խանդավառած էր կանխող դարու մեր մեծ եպարքոսները, իր ձախորդ արդիւնքներովը ինքզինքը կործանած է արդէն։ Հինգ դար հաւատարիմ եղանք անոր։ Այսօր, թուրքերու մտքին մէջ, այդ անհարազատ յղացքներուն տեղ կ’ուրուագրուի նորը, որ պիտի չգոհանայ ձեզ հալածելով։

-Այսի՞նքն։

-Այսինքն… կանխահաս է այդ ուղղութեամբ խօսիլ։ Միայն բան մը որոշ է մեզի համար։ Ու կ’ուզեմ, որ ըլլայ նաեւ ձեզի համար։ Վարանումի, վախի, թուլութեան, մա՛նաւանդ բարեմիտ գթութեան շրջանները կը մնան այլեւս մեր ետեւը։ Ու մենք, աւելի բախտով, աւելի ամուր, աւելի կատարելագործուած միջոցներով, աւելի անվախ, կը մտնենք, մտած ենք ահա երկրորդ շրջանին մէջ։ Մենք մեր հայրենիքին մէկ փշուրն ալ վճռած ենք չզիջիլ ուրիշին։

-Այդպէս վճռելով է, որ տուիք, հազիւ քսան տարի կայ, այնքան ընդարձակ երկիրներ։ Ես կարդացած եմ այն ոգեւորութիւնը, որով մտաք վերջին պատերազմին մէջ։ Հաւանաբար ձեր հայրը, Աւագանիներուն մեծ ժողովին մէջ արտասանեց նոյն այդ վճիռը, որով կը սպառնաք հիմա։

-Երանելի՜ գլուխ։ Ռուսին, գերմանին, ուժովին՝ կարելի է, այո՛։ Բայց տկարին, հայուն, երբե՛ք, կը հասկնա՞ք։

-Կը հասկնամ, փաշա՛։ Բայց դուք նկատի առած էք մեր ալ կամքը, մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքը։

-Դուք ժողովուրդ մը չէք այսօր։

-Կը ներէք, փաշա՛, ի՞նչ կու տայ ձեր միտքը այդ բառին իբր բովանդակութիւն։

-Բայց շատ պարզ բան մը. ժողովուրդը խումբն է մարդերու, որոնք քով քովի են ու յարդարուած այնպէս, որ կրնան մէկ յուզումը զգալ միլիոն։ Եւ որովհետեւ յուզումը այն բաներէն է, որոնք բաժնուելով, բաշխուելով կ’աճին փոխանակ նուազելու, հասկնալի է, որ թիւը եւ զգայարանքի նոյնատեսակ յարդարումը առաջնակարգ ազդակներ են, ամէն ընթացիկ զգայութիւններէ, խակ յուզումներէ ստեղծելու համար խորունկ զգացումները։ Ցեղը այդ միութիւնն է հզօր զգացումներու առջեւ։ Կը հասկնա՞ք։

-Այդ սահմանումով ոչ մէկը իրաւունք ունի այնքան խորութեամբ այդ որակումին, որքան մերը։

-Տարբերութեամբ մը սակայն։ Դուք այդ միութիւնը կը պահէք կրաւորական յուզումներու դիմաց ընկալչութեամբ մը։ Այսօր, դուք կը դառնաք այդ միութ եա ն, ձեր եկեղեցիներէն ներս, որոնք գործն են ուրիշներու, մինչ ցեղերը իրենց շինածովը կ’աճին։ Պահպանողական բնազդը ազգ մը չ’աճեցներ։ Ու աճումը կասած մարմիններուն ճակատագիրը կը վերածուի տարիներու հարցի մը։ Ձեր հինցածութիւնը, մաշումը թարմացնելու համար զրկուած էք նորոգիչ երկու մեծ բարիքներէն, հողէն ու արիւնէն։ Վերջին հարիւր տարուան ընթացքին առաջինը տեղի տուած է ձեր բազուկներուն հասողութենէն։ Ձեր ժողովուրդը, խորապէս շինական ու առոյգ՝ իր նկարագիրը կորսնցուցած է ` դառնալով քաղաքներու տականք մը։ Արհեստաւորը ո՛չ կ’երկննայ, ո՛չ կը կարճնայ։ Վաճառականը իր ցեղը կ’ապականէ ` դրամին կապուած մոլութիւնները փոխադրելով անոր։ Հողէն կտրուած ամբոխները կը նմանին հողէն կտրուած բոյսերուն։ Երկրորդ զօրաւոր ազդակը, արիւնը՝ դուք չէ, որ կը թափէք, այլ ուրիշներ զայն կ’առնեն ձեզմէ։ Այս նրբերանգը բաւական բան կը բացատրէ։ Դուք ալ մոռցած էք զայն ձեզի համար օգուտով թափելու կերպը։ Ձեզի կը մնայ միայն ձեր եկեղեցին, որ կը կատարէ ձեր ներքին նորոգումը, բայց այս անգամ ուրիշներու հակառակ ճամբով, այսինքն՝ հիննալով, հագնելու համար ձեր պատմութեան ընդհանուր զգայութիւնները։

-Ուրիշ կերպ չըրին Իսրայէլին զաւակները։

-Երբե՛ք։ Ե րկու վիճակները տարբեր բաներ են։ Ձերինը անխառն, միակտուր նահանջ մըն է դէպի այդ անցեալը, աւելի յստակ բառերով՝ նահանջ մը ձեր ներկայէն։ Դուք կորովի համար չէք իջներ ձեր դարերուն անդունդը։ Անոնք իրենց հաւատքին մէջ նորոգուելու ու իրենց շրջապատը ատել կրնալու հաստատ ուխտով մը կը քաշուին իրենց տաճարները։ Դուք կը շարունակէք ձեր հայրերուն հոգեբանութիւնը ու մահուան համար հասուննալու անոնց խուլ դիւրազգայութիւնը, ծարաւը կը զօրացնէք։ Ոչ մէկ ժողովուրդ ձեզի չափ միամիտ է, այդ անցեալէն չսոսկալու իր յամառութեանը մէջ։ Գուցէ երբ գեղն էր կորիզը ձեր ընկերութեան, հոգեկան այս տրամադրութիւնը բան մը կ’ապացուցանէր։ Բայց ինչպէ՛ս բացատրել ձեր Եւրոպա ըրած ու պետական պաշտօններ վարած, աստիճանով ու պատուանշանով, շքազարդ անձնաւորութեանց մէջ ձեր աննման կարօտը, տղու պէս այս եկեղեցիներուն մէջ շապիկ հագնելու եւ երգելու ինչ որ հազար տարի առաջ աբեղայ մը, երկնածարաւ իր հուրքին մէջ, այս ու այն խռովքէն բռնավար, պոռացե ր էր իր Աստուծոյն։ Ասիկա երաժշտութիւնը չի փրկեր։ Բայց կը խորհիմ, թէ իրաւացի կրնայ ըլլալ այդ պատրանքը, վասնզի անկէ դուրս՝ դուք կը նմանիք ծովէն հանուած ձուկին։ Ահա ձեր յաւակնութեան հիմնական տիտղոսները ժողովուրդ որակումին։ Ու, բառերը գործածելով այս անգամ պարզ, առանց մշուշի՝ ասիկա գերութեան մէջ համայնութիւն մըն է յուզումներու, զորս ստացած էք անգութ ու աննահանջ հարուածներու յաջորդութեան մը ներքեւ։ Ի՞նչ էք ըրած աւելի գեղեցիկ, քան խմբովին ջարդուելու անփառունակ՝ որքան սխրալի հերոսութիւնը։ Խորհա՞ծ էք քննել դէպքերու հանգոյցը, որ ձեր կործանումները կը պայմանաւորէ։ Ձեզ զգետնող ուժերը երբեմն իբր քանակ ու որակ ձեզմէ տասն անգամ քիչ եղան։ Իմա՞ստը այս փաստերուն։ Ձեր այսօրուան հոգեվարքը։ Վասնզի, ի վերջոյ, ինչ որ օսմանեան կայսրութիւն կը կոչուի, քիչին, հաւատաւոր, կազմակերպուած քիչին տիրապետումն է շատին՝ բայց աղկաղկ, ցրիւ, աններդաշնակ շատին տարածման վրայ։ Չորս հարիւր ընտանիքի գիտակից, համակամ, ծրագրուած յառաջխաղացքն է անիկա խարխլած ժողովուրդներու ոսկեդրուագ փտութեանց վրայէն, դէպի տիրակալումը բազմերանգ ամբոխներու, որոնց գումարը հասաւ մինչեւ երեք հարիւր միլիոնի, Սիւլէյման Գանունիի օրով։ Ասիկա ձեր մեղքերուն իբր պատուհաս երկնային կարգադրութիւն մը չէ՝ ինչպէս կը ջանան ձեզ համոզել ձեր քրոնիկագիր պատմիչները, ոչ ալ բախտի կոյր քմայք մը՝ ինչպէս կը դատեն ձեր յեղափոխական տեսաբանները։ Ասիկա մեր ստեղծումն է։ Ժողովուրդները կը զարգանան բառը առէք լայն ծիրէ ո՛չ թէ ձերինին նման պահպանողական կղզիացումով, այլ յորդող, յարձակող յուզումներու հսկայ գրոհովը։ Այլ այդ յուզումները բիւրապատկող յօժարակամ հաղորդութեամբ մը իրարու հոգիին։ Ու դուք չունիք չորս մարդ, որ նման յուզումներ զգային հաւասար խտութեամբ։ Խելք, զգուշութիւն, պահպանողականութիւն, ի՛նչ անունով ալ որակէք երեւոյթը, կայ անիկա, այսինքն՝ հայրենիքի գաղափարով մեռնողը նախատելու ձեր անլուր սոփեստութիւնը։ Ահա խորագոյն փաստը ձեր անկումին։ Վասնզի աղէտներէն առաջ, ազգերը նախ կը մահանան իրենց ոգիէն։ Այլապէս բուռ մը մարդ, նոյնիսկ ամէնէն տկարներէն, բաւ է բանակներ կասեցնելու։ Բայց մեր խօսակցութիւնը շեղած է իր գնացքէն։ Ես չունէի մտադրութիւն այսքան տարածուելու, թէեւ զօրաւոր ալ եղած իմ մէջ ցանկութիւնը՝ զիս զբաղեցնող այս խորհրդածութիւնները հաղորդ ընելու նաեւ ուրիշներու։ Ու պէտք է դառնալ աւելի շօշափելի իրողութիւններու, որոնք արդիւնքն են ձեր սխալներուն։ Ատոնցմէ մէկ կարեւորն է մեզ դատելու, դասաւորելու ձեր անծակ, կտրուկ միամտութիւնը։ Պանքայի դէպք ի օրերուն, Պոլսոյ մէջ հանդիպումն ըրի վաթսուննոց մարդու մը, զոր բանտ էին բերեր։ Ատաղձագործ աղա մըն էր, կարդալ չունեցող, բայց քաղաքագէտ։ Իր տունէն պոմպա գտանք։ Չպաշտպանեց ինքզինքը, ոչ ալ անունը տուաւ անոնց, որ այդ նիւթերը բերեր էին իր մահճակալին տակ։ Անշուշտ դատապարտուեցաւ։ Ու ահա տարօրինակը. մեծ էր զարմանքը, որ նաւահանգիստին մէջ խարսխած անգլիական զրահաւորը չէր ռմբակոծած մեր պատերազմական նախարարութիւնը։ Լսեց վճիռը ու գոհացաւ ` արտասանելով հրեաներու գիրքին մէջ հռչակաւոր վճիռը, զոր մատ մը գրեց Պաղտասար արքային պատին, խրախճանքի պահուն։ Ասիկա հոգեբանութիւն մը ըլլալէն կ’անցնի անդին։ Ու հետզհետէ կը համոզուիմ, որ ձեր կրօնաւորները այդ հեքիաթները արդիացնելով պատճառ դարձան ձեր աւելի խոր սուզուելուն, այդ անարդի ու անխելք յօրինումներուն մէջ։ Ձեր պապերը սակայն խելք էին ունեցեր, ատոնց հաւատք ընծայելու ատեն, քիչիկ մըն ալ իրենց շուրջը դիտելու, գոնէ տեսնելու մեր հեղեղը, որ կու գար, ու ծռելու, եւ սպասելու։ Անցան դարեր։ Կրօնական յիմար ատելութիւն մը որուն վրայ ես կը բեռնամ ամբողջ բեռը ձեր աղէտներուն–, ճահիճի մը գորշ ջուրին նման փռեցիք ընդմէջ ձեր ու մեր հոգիներուն։ Ու ոչ մէկ կամուրջ։ Մենք, մեր սրունքը բացած, առակին հսկաներուն նման, ուժ ունէինք ցատկելու գետ ու նեղուց։ Բնական է, որ պէտքը չզգայինք փոխանցումի միջոցներուն։ Մեր գուպարը Արեւմուտքին դէմ մեզ հեռու պահեց մեզմէ ու մոռցանք մեր ծառաները։ Քսան­երեսուն ժողովուրդ, ու կազմակերպուած, բանակով ու թագաւորով ժողովուրդ նուաճող մեր խոյանքին մէջ, մոռցած էինք, ու իրաւամբ, յոյներու եւ թաթարներու ախոռին շղթայակապ, ջախջախեալ քամակով կովը, հազիւ իր կճղակներուն վրայ կենալու կարող։ Անցեր էիք մեզի, ձեր տէրերուն փճացումով։ Շարունակեցիք ձեր կմ ա խատիպ քարշ գալը, մեր բանակներու ետին։ Յետոյ փոխուեցան պայմանները։ Մեր ընկրկումը, արդիւնք մենէ վեր պատճառներու, ամէնէն շատ մեր հեղեղային թափին ձեր տարազներով՝ աքցիայի եւ ռէաքցիայի պրոբլեմին , նուազեցուց մեզ մեզմէ։ Տարօրինակը այն է, որ ուրախացաք յաղթողներէն աւելի։ Մեր ընկրկումը ձեզի բան չէր աւելցուցած սակայն։ Ու կ’անգիտանաք այս երկրորդը, ձեր չաճիլը, երբ առաջինը ձեր օրրանի տղոցն ալ կը սուլէք ականջին։ Ըրիք աւելին։ Ո՛չ միայն չճանչցաք ձեր տկարութիւնը, այլեւ միշտ արեւմուտի ստուերներուն նման աճեցուցիք հեշտանքով։ Մեր ամէն մէկ պարտութիւնը ձեզ ըրաւ աւելի պահանջկոտ, աւելի լիրբ։ Մինչդեռ պարտաւոր էիք կենալ ուշադիր, առնուազն ընդունիլ, որ հակառակ մեր նահանջին, դեռ շատ մօտիկ ն էինք, մէկ­երկու դարով, այն ժողովուրդին, որ իր բազուկին կորովը արժեցուցած է շատ աւելի իմաստուն եւ մեծ ձեռնարկներու մէջ, քան ա՛լ ձեր կրացած ուղեղը, որ, դարերով կապուած գերութեան անիւին, դարձաւ ու դարձաւ, ինքն իր վրայ, աչքերը փակ, նման պարտէզներ ջրող գրաստին։ Այդ դարերուն, երբ ուրիշներուն անիւն իսկ չունէիք ու ժ ալ դարձնելու, մենք նուաճեր էինք կէսը Արեւմուտքին, ու խոշոր մէկ հատուածը՝ Մօտիկ Արեւելքին։

-Զոր չպահեցիք։

-Ձեզ կը պահենք սակայն, քանի ողջ էք։

-Կովին հեքիաթը։

-Եթէ կ’ուզէք։ Ո՞վ պիտի հասկցնէ այդ փոքր պատկերին ահաւոր իրականութիւնը ու բանայ վարագոյրը ձեր կուրցած ուղեղներէն։ Տէմակոկ ձեր մամո՞ւլը։ Ցնորած ձեր յեղափոխականնե՞րը։ Իր դերին օտարացած կղե՞րը։ Ո՞վ՝ վերջապէս, ո՞վ պիտի ունենայ բաւական առողջ մտածում ու զօրաւոր թոք ` պոռալու համար ձեր մոլորած ականջներուն միւս աւելի յատկանշական հեքիաթը գորտին ու կովին։ Ո՞վ, մա՛նաւանդ՝ բարիքը պիտի գործէ ձեզի, զգուշացնելով ձեր իմաստակները մեզ նախատելէ, առասպելներովը ձեր երբեմնի եւ այժմեան մշակոյթին, զոր այնքան յորդ պերճութեամբ, բառերու կրկէսէն, կը սիրէք հակադրել մեր աւերածներուն։ Մ եզ կը նախատէք, որ աշխարհին ոչին չ ենք տուած։ Բ այց չէք ալ հասկնար, որ այդ աշխարհին բան տուած ըլլալը անգանձելի ապառիկներով հարստութեան հեքիաթ մը շինելուն կը նմանի, իբր թէ աշխարհին բան տուողները դարերով ուրիշներուն գարշապարը լզելու բախտէն խնայուեցան, երբ ծերացած, մաշած, ինկան նորերու գրոհին դիմաց։ Ատկէ զատ՝ աշխարհ շատ չ’ախորժիր կանգուն բաներէ։ Առնուազն անշունչ բնութիւնը ինք կը ձանձրանայ ու անջրպետէ անջրպետ ինք կը կործանէ երկիրները, ծովերը եւ լեռները։ Ո՛ւր մնաց այդ խախուտ հաւասարակշռութեան վրայ իր երկրաչափութիւնը հաստատող մարդ կենդանին։ Ա շխարհին զարդին մաս կը կազմեն մեծ աւերակները։ Ուրիշ պահանջի չհպատակեցան իրերայաջորդ քաղաքակրթութիւններ երկրի երեսին։ Ի վերջոյ կայսրութիւններ վերածելի են, պիտի ըլլան կայսերական աւերակներու։ Մենէ վեր կիկլոն մը ճարտարապետն է այս տրտում խաղին։ Ու մարդիկ խելացի բան մը կ’ընեն, եթէ երբեմն­երբեմն անդրադառնան այս ճակատագրական օրէնքներուն։

-Որքան գեղեցիկ առաքելութիւն մը պիտի ըլլար ձերը, եթէ այդ մռայլ օրէնքները փոխանակ ինծի բացատրել ջանալու, ընդհանրացնէիք ձեր զանգուածներուն մէջ, որոնք այնքան պէտք ունին այդ կարգի սրբագրող զգաստութիւններու։ Արիւնի ու կրակի հանդէպ այնքան զգայուն ձեր հոգին պիտի մեղմանար իր ախորժակներէն, եթէ քիչիկ մը պատմութեան աղ նետէիք անոր եռացող, զազիր ու քստմնելի կաթսային մէջը։

-Ատիկ ա ըրիք դուք, ձեզի համար, մենէ շատ առաջ։ Եւ ահա ուր էք իջած այսօր։ Ժողովուրդները աւերակներ կրնան տալ։ Բայց ատիկա չի նշանակեր կեանքը այդ նպատակներով առաջնորդել։ Իմ մտածումս ճիշդ հակառակ սկզ բ ունքներու պաշտպանութեան կը ձգտի։ Ըսել կ’ուզեմ՝ երբ կ’ապրին, պէտք է ապրիլ լրիւ, որքան լայնք, որ մարդկօրէն զետեղելի է այդ տարազին մէջ։ Ձեր կողմէ յետադէմ, բարբարոս որակուած մեր ժողովուրդը գիտցէք, թէ ամէնէն երջանիկ, ամէնէն գոհ, ամէնէն մեծ ժողովուրդներէն մէկն է այսօր։ Պտըտեր եմ մեր քաղաքները, բանտերէն մինչեւ բոզանոցները, ճամիներէն մինչեւ դպրոցները։ Ամէն տեղ լուրջ ու կուշտ մարդեր միայն տեսայ, որոնք անսահման վստահութեամբ մը իրենց վեհապետին, տուած էին իրենց օրերուն նիւթական եւ հոգեկան քաղցր պարտքերը աղօթքին ու վայելքին։ Հողագործը իր ցամաք հացին հետ կը ծամէր կեանքին գերագոյն հեշտութիւնը, իր արտի գլխին ` զաւկըները դիտելով ու խօսելով կնոջը հետ։ Քաղքենին՝ իր գործին մէջ իր յոգնութիւնը մոռնալ կրնալով իր թերթին ութ­ տասը սիւնակ սփոփանքը խմելով մեծ պարզամտութեամբ։ Բայց չեմ կրնար թուումը տանիլ առաջ։ Չեմ զարմանար, որ դուք անգիտանաք գեղեցկութիւնը այս ամէնուն, քանի որ ձեզի համար կեանքը պարպուած է այդ բաղադրիչներէն, վերածուելու համար ճիղճ, տխուր, ահաւոր տգեղութեամբ պատկերի մը։ Ձեր ժողովուրդը կ’ապրի, երբ ինքզինքը չի զգար ջարդի նախօրէին։ Ու այս տարբերութիւնը իմացողական չէ դժբախտաբար։ Ատիկա չափած է ձեր պարզագոյն պառաւն ալ։ Ու նոյն հողին վրայ հոգեկան այսքան հակադիր վիճակներու գոյութիւնն է, որ ձեզ թշնամի է ըրած, մեր երջանկութեան հանդէպ խորունկ նախանձով մը հերկելով ձեր մէջ խաղաղութեան ու բարութեան գօտիները։ Մենք մեր օրը կը սկսինք մինարէով, այսինքն՝ չորս ծագերու վրայ մեր կամքին մեծ պատգամովը ու մեր գոհունակութեան խոր արձագանգովը։ Մեր այս հպարտութիւնը մի շփոթէք քրիստոնեայ զանգակներուն իսկապէս բարբարոս, անխելք խառնակոչին հետ։ Լսեր եմ ձեր ալ պայրամները, մեծ մայրաքաղաքներու զանգուածին ընդմէջէն։ Մետաղ էր, ու հետեւաբար հաստ, վանող, ծակող, ինչ որ կը թուէր ճամբորդել մեր գլուխէն վեր։ Բայց դուք կ’ատէք մերինը. որպէսզի լրջութեամբ ձգտիմ ձեզի մատչելի ընելու իրապէս մարդկային, տաք գեղեցկութիւնը հարիւրով բերաններու, պայրամ առտուընէ, բացուած՝ հանդարտ ու երջանիկ ոստաններու երակներուն…

-Կը հաւատա՞ք ձեր պատկերներուն։

-Կը հաւատամ բանի մը, ամէնէն շատ, ատ ալ՝ ձեր ասպարէզին բերումով ձեր կեանքէն կտրուած ըլլալուն։ Անկարելի է լեռնականներէն նաւաստի հանել։ Ու անկարելի՝ համը զգալի ընել ապրելուն անոնց, որոնք դժբախտ կը մնան։ Ըսի ու կը կրկնեմ. ձեզի համար ապրիլը շատ­շատ հոմանիշ է չջարդուելուն։ Չունիք ձեր արիւնին մէջ ազատութեան հետ շաղուըւած զգայութիւններ, որոնք, ձեր գիրքերէ սորված ռոմանթիք ու անիրական հաճոյքներուն քով, ձեզ ընէին մատչելի իրապէս խոր ու խռովիչ միւս հաճոյքն ալ, հաճոյքը՝ տիրելու, այս անգամ ո՛չ բարբարոսութիւն կամ կոտորած, այլ՝ մարդկեղէն իրաւունք մը, իրաւունքը՝ ինքզինքը տիրելուն, իրաւունքը՝ ուրիշի չծառայելուն։ Ու ահա աղէտը։ Դուք հեռու էք այս ամէնը կասկածելէ։

-Մեր ժողովուրդը դարերով այդ երազն է փայփայեր։

-Ձեր ժողովուրդը դարերը իր գլխուն բեռ կը նկատէր։ Անիկա չէ ընդունած կեանքը, հասարակաց իմաստով։ Անոր համար կեանքը փորձի, փորձանքի շրջան մըն է, որ իր տառապանքի տոկոսովը արժէքի կ’ելլէ։ Բայց ի՛նչ հարկ այս վերլուծումներուն։ Կոյրը սխալ պիտի խօսի, երբ պիտի խօսի լոյսէն։ Գո՞րծն է, որ ողջ կը պահէ գործարանը, թէ գործարանն է, որ կարելի կ’ընէ գործը։ Տեղը չէ հոս ակադեմական կամ բիւզանդական վէճերուն։ Ես հաստատ համոզում ունիմ, որ հրաշքով մը ձեզի դարձուած ձեր հողերը քառորդ դարէն դուք պիտի բերէիք ետ, մեզի, իբր անհասոյթ կալուած, վասնզի անոնց շահագործման վրայ ձեր վիճաբանութիւնները ձեզի ժամանակ պիտի չձգէին աշխատանքի։ Այս չէ՞ ձեր համբաւաւոր իմաստութեան, պահանջներուն անդրագոյն լուծումը։ Քանի՜ անգամ այս իմաստութիւնը արձանագրեցին ձեր պատմիչները։ …Տարիներէ ի վեր հողային հարցով կը ռմբակոծէք մեր դատարանները ու չէք մտածեր, թէ հողը փափաքներով վար չի դրուիր։ Ու չէք մտածեր, թէ որո՛ւն սեփականութիւնը եղան այդ հողերը, դարեր ու դարեր։

-Մե՛րը, փաշա։

-Ոչ մէկ ատեն ձերը։ Դուք տէրը չեղաք նախ ձեր գլուխին, որպէսզի ըլլայիք տէրը ձեր ոտքերուն, ու անոնց կոխոտած գետիններուն։ Այդ հողերը միշտ պատկաներ են ձեզ գերեվարողներուն։

-Հողը՝ հերկողին։

-Ատիկա հիմա։ Հարիւր տարի առա՞ջ։ Կը հարցնեմ։ Յիսուն տարի առա՞ջ՝ ձեր փառաբանած Ռուսաստանին մէջ։ Չէք պատասխաներ։ Հողը հերկողի՜ն։ Բայց ինչո՞ւ չէք ըսեր նաեւ միւս եզրն ալ առածին՝ ու խոտը՝ կովուն։ Ինչպէ՜ս ալ կը հաւատաք վարչական արդարութեան մը, որ պիտի գործադրուէր ի վայելումն նուաճեալ ազգերու։ Այդ տեսակ ռէժիմ չէ եղած ոչ իսկ Հռովմի օրերուն, երբ տիրող տարրը թիւով ալ վար էր մեզմէ. ըսել կ’ուզեմ՝ գերիներէն հանուելիք վայելքի տոկոսը անհամեմատ բարձր, քան ներկան։ Ինչո՞ւ կը հաւատաք եւրոպական արդարութեան, որ ձեզ կ’արհամարհէ ու դուռները գոց է ըրած անանցանելի կապանքներով։ Ու անկէ թարգմանուած օրէնքնե՜րը։ Որոնք ձեր բերանը լայն բացին։ Տղայ ըլլալու է մարդ՝ համոզուելու համար սա անհեթեթ բանին, որուն համեմատ երկիր մը իր թշնամիները իր իսկ միջոցներով պիտի զինէր իրեն դէմ, անոնց շնորհելով հաւասարութեան ռէժիմ մը։

-Չեղանք այդքան միամիտ։

-Այո։ Ու եղաք աւելի։

-Սո՞ւտ՝ ձեր Թանզիմաթ ը 3, հռչակաւոր օրէնքները, սահմանադրութիւնները, ու յանուն արեւմտեան մշակոյթին ձեր պոռացուցած մունետիկները երկրին ներսն ու դուրսը։

-Ուրիշ ի՜նչ, տղա՛ս։ Ուրիշ ի՛նչ։ Դուք կը հաւատաք, թէ այդ ամէնը գործադրեցինք մեր չիսլամ հպատակներուն բարօրութեան համար, որպէսզի հաստընան, հարստանան ու անկախութիւն պահանջեն միշտ։ Երանի ձեզի։ Նման արարք մը ի ն քզինքը կործանել պիտի նշանակէր։ Ըրինք այդ օրէնքները միայն ու միայն մեզի համար։ Այդ կարգադրութիւններով մեր ժողովուրդը կը պաշտպանէինք մեր ներքին թշնամիներուն դէմ, բռնապետներ, աւատական կարգերու յարողներ, կեղեքիչներ։ Ու մաքրեցինք մեր վարչութիւնը քմայքէն, կամայականութեան լուծէն ու զայն արտաքնապէս արդիացուցինք։ Խաբուեցաք. ձեզի հետ նաեւ՝ դիւանագէտ Եւրոպան։ Կէս դարու պատմութիւնը արդարացուց մեր ձեռնարկը։ Թանզիմաթի ոգիով ստեղծուած թուրքը, ըսել կ’ուզեմ՝ զարգացած, հայրենասէր, գիտակից թուրքը հարիւր պատիկ աւելի կ’արժէ, քան միւսը, մէտրէսէներուն, թէքքէներուն կաղապարած հաստ արարածը։ Թանզիմաթը աս է եւ քիչ ուրիշ բան։ Կրկներեւոյթ մը ձեզ խաբեց ուրիշներէ աւելի։ Վարչական նոր մարմինին համար, մինչեւ մերիններուն պատրաստուիլը ձեզմէ առինք ինչ որ կար տրամադրելի իբր նոր ուժ։ Երեսուն­քառասուն տարի առաջ պետական պաշտօնները այդպէսով մատչելի եղան ձեզի։ Ատկէ, օրէնքին քանի մը տառերը պատրուակ բռնելով, եղաք աւելի քան միամիտ, կ’ըսեմ՝ ուղիղ յիմար, պահանջելու համար հաւասարութիւն այնպիսի մարզերու մէջ, որոնք ձեր հօտի, ստրուկի ոտքերուն հետ չունէին աղերս։

-Կը դառնաք ու կը դառնաք ` իյնալու համար ձեր հիմնական մտածումին գիրկը։

-Ձեր միամտութի՜ւնը՝ որեւէ ատեն մեզ անկէ հեռացած կարծելու, հոն ենք, տղաս, հո՛ն՝ ուր էինք հինգ դար առաջ, երբ մեր առաջին եպարքոսները ձեր մատաղ մանչուկները կը հաւաքէին, անոնցմէ պատրաստելու համար ձեզ կործանող ուժերը։ Չնեղուիք, բայց այս այսպէս է։ Մեզի համար փոխուածը ձեւն է միայն։ Հիմա, մեր ծառայութեան մէջ ձեր ուժերը կ’աշխատին ի շահ մեր երկրին, ձեր վնասովը։ Հողէն հեռացնող ամէն աշխատանք կորուստ մըն է ձեզի համար։ Սխա՞լ, ուղի՞ղ, մօտ ապագան պիտի ըսէ ատիկա։ Երեք­չորս դար մեզի օգտակար ըլլալէ յետոյ ենիչէրիները ապականեցան։ Այն ատեն մաքրեցինք զիրենք։

-Դուք գի՞րք կը գրէք։

-Ո՛չ։ Ես կը ծառայեմ իմ հայրենիքիս ` Թանզիմաթով բարեփոխուած օրէնքները կարելի եղածին չափ մեզի շահաւէտ ընծայելով։ Իմ նպատակս՝ այս գաղափարաբանութիւնը տարածել զանգուածին մէջ ու ձեզի հանդէպ բնազդական ատելութիւնը մշակուած, վճռական ու անողոք ձեւի մը վերածել։ Այսպէս պիտի պատժուին բոլոր անոնք, որ մեր հողերուն վրայ կը սնանին ու մեր կռնակէն դուրսերը կը հովեն։ Մեր ժողովուրդին միամտութիւնը սրբագրել ու անոր մէջ արմատացած կրօներանգ արգահատանքը հալածել։

-Դուք կը պայքարիք Արեւմուտքին դէմ։

-Որ գործ չունի մեր կայսրութեան մէջ. ըսել կ’ուզեմ՝ բարով գործ մը։ Մենք կը բաւենք մեր բոլոր պէտքերուն։

-Կ’աճապարէք։

-Ընդհակառակն, ուշ ենք մնացած։

-Արաբնե՞րը։

-Պիտի թրքանան։

-Այլապէ՞ս։

-Անոնց հանդէպ ալ պիտի որդեգրենք ձեզի դէմ կիրարկուած մեթոտները։

-Հանրային կարծի՞քը։

-Լրագրողները թող զբաղին անով։

-Եւրոպա՞ն։

-Իր անարդարութիւնները թող դարմանէ։

-Ռո՞ւսը։

-Գոնէ եզրի մը վրայ համաձայն ենք անոր հետ։ Ու ըսի ատիկա։

-Պատմութեան իրաւունքնե՞րը։

-Իրաւաբաններուն դիմեցէք, կրնան թերեւս ձեզ գոհացնել։ Ի՞նչ կ’ուզէք այն հողերէն, որոնց գրաւումին մէջ դուք մասնաւորաբար երբեք չեղաք մեզի հետ։

-Ծառայած ենք ձեր բանակներուն։

-Բռնի։ Երկու դար է, ատ ալ արգիլեցինք ձեզի։ Մինչ մեր արիւնը կը հոսէր կայսրութեան զանազան սահմաններուն, դուք ձեր եկեղեցիներուն մէջ ամէն օր Աստուծմէ թախանձեցիք պարտութիւնը մեր «այլազգեաց» բանակներուն, եւ յաղթանակը՝ «թագաւորացն քրիստոնէից եւ իշխանացն բարեպաշտից», որոնք նոր օրակարգով Քեռի Ռուսին ազնուականութեան մէջ տիտղոս կը կրեն։ Հիմա, մենք գիտենք ատիկա։ Ու պիտի գիտնայ այս ամէնը ամէն թուրք, ա՛ն իսկ, որ էլիֆպա չի ճանչնար։ Ոչ մէկ ժողովուրդ ձեզի չափ ապերախտ եղաւ մեզի դէմ։ Ու պիտի պատժենք ձեզ՝ ձեր յանցանքին մեծութեան կանգունովը։ Մենք թափեցինք մեր արիւնը ու դուք հարստացաք։

-Անշուշտ ի վնաս երկրին, քանի որ անաշխատ մարդերու բանակներ կը կերակրենք ու պարբերաբար ալ զանգուածներ։

-Դուք կ’ըսէք։ Անցած են դարեր այն օրերէն, երբ հպատակներու բարօրութիւնը երկրին ալ հարստութիւնը կը ներկայացնէր։ Այդպէս մտածելու սխալը դեռ չենք ներած մենք մեր մեծ սուլթաններուն։ Հիմա մեզի թշնամի կը նկատենք ամէն օտար, այսինքն ա՛ն՝ որ մեզմէ դուրս լեզու մը կը խօսի կամ կրօնք մը կը դաւանի։ Ասիկա դասական մոլեռանդութիւն չէ, այլ՝ հոգեբանօրէն ապացուցուած տխուր ճշմարտութիւն մը, զոր անարգելու մեր յիմարութիւնը մեզի արժեց այնքան մեծ ու գեղեցիկ երկիրներ։ Հիմա, մեզի թշնամի տարրերու հարստութիւնը հոմանիշ է սեփական աղքատութեան։

-Չուզեցիք զիս լաւ հասկնալ։ Ձեր հպատակներուն հարստութիւնը անուանական է։

-Չեմ հասկնար։

-Պարզ է սակայն։ Հինգ­վեց տարի առաջ սուտն ու գրգռութիւնը բաւեցին ձեզի, որպէսզի դարաւոր վաստակ մը քանի մը շաբթուան մէջ ամբողջութեամբ անցնի ձեզի։ Բոլոր խանութները, տուները պարպուեցան ի շահ ձեր տնտեսութեան։ Չեմ խօսիր մարդոց կորուստէն։

-Թալա՞նը։ Բայց ատիկա ոչինչ կ’ապացուցանէ, բացի ձեր գլխուն իր կախած սպառնալիքէն։ «Հայ»ով եկածը «հույ»ով կ’երթայ, կ’ըսէ մեր առածներէն մէկը։ Հարստութիւնը վազող աղբիւրն է, ոչ թէ ընդունող աւազանը։ Ըսել կ’ուզեմ՝ կողոպուտ մը, որքան ալ մեծ, կը սպառի, ուղիղ համեմատութեամբ։ Մեզի վնաս իսկ է այդ աւազակութիւնը, որ մեր մարդերը կը զառածէ հանդարտ աշխատանքէն։

-Փաշա՛, մինչեւ հիմա ինծի հարկադրուած տառապանքներէն ամէնէն մեծը կու գայ ձեզմէ։ Վասնզի ձեր վրայով կ’ուրուագծուի նոր թուրքը, որ վաղը պիտի փոխանորդէ հիմակուան բարբարոս, բայց գոնէ պուտ մը արդարութիւն ունեցող թուրքը։

-Կը զգա՞ք ատիկա։

-Խելքը ունինք ատոր։

-Կարելի՞ է տակաւին խօսիլ։

-Անշուշտ։ Շահեկան էք ձեր շատ մը կողմերով։ Կը խօսիք։ Այսինքն՝ պահեցիք սա բանավէճին գնացքը, բնական ու վշտագին իր անգթութեանը մէջ ու չտարուեցաք, ինչպէս ըրին միւսները, ձեզի պէս ու հետ մտածողներ, որոնք պարտուեցան կիրքէն ու ծեծէն առաջ, առնուազն հայհոցին։ Ձերը յաջողութիւն մըն է անշուշտ ժողովուրդի մը մէջ, որ դարերով կոտրեց, թափեց, մտիկ չըրաւ, չխօսելու համար։ Աւերումին նիւթական եռանդը բազուկներով արտայայտուելէ առաջ, կ’որոտայ լեզուով։ Ու չբարկացաք։ Եթէ այս սառնութիւնը չարագուշակ փաստ մըն է ի վնաս մեր Դատին, միւս կողմէ՝ նշան մըն է միտքէ միտք հասկացողութեան մը կարելիութեան, որուն մտածումը յաճախ այցելեր է ինծի, Անատոլու պտըտած միջոցիս։ Նահանգներէ անցայ, ուր հայու եւ թուրքի աւանդական հակադրութիւնը հեռու էր ձեր զգեցուցած եղերական դառնութենէն։ Կային գեղեր, ուր ձերինները գրեթէ կը սիրէին չորպաճիները։ Ե րջանիկ չէր անշուշտ ձեր ժողովուրդը, ինչպէս կը պոռաք ամէն առիթով, նոյնիսկ այդ գեղերուն մէջ։ Բայց իր աղքատութեան եւ զրկանքին մէջ գոնէ պատեհութիւն ունէր մահուան համար չհասուննալու։

-Ոչ մէկ տեղ ըրինք ատիկա, Դէպքերէն առաջ։ Այդչափ անխելք չէինք, չէին մեր մեծազօր նախնիքներն ալ։

-Չէ՞ր կարելի իրար հասկնալ։ Չէ՞ կարելի։

-Կը կրկնէք իմ հարցումներս ինծի։ Մենք պէտք չենք զգար ձեզ հասկնալու աւելի անդին, քան ըրած ենք։

-Բայց ի՞նչ է ձեր ըրածը այդ ուղղութեամբ։

-Մահուան հասունցած ժողովուրդի մը ձեռքէն բռնեցինք, գէշ­աղէկ, մեր խելքը հասածին չափ դարմանեցինք անոր վէրքերը. անոր լեզուն, կրօնքը, ազգային աւանդութիւնները պահեցինք անձեռնմխելի, ստրկութեան մէջ ամրացած անոր հոգեկան անիշխանութիւնը ամոքեցինք մեր օրինակներով. անկումի, սողալու միայն ատակ անոր յատկութիւններուն մէջ մշակեցինք քիչ­շատ տանելի զգացումներ. անոր ընդունակ տարրերուն համար բացինք մեր պալատները, բարեկամութիւնը, պետական պաշտօնները, որպէսզի մեր շրջանակներուն մէջ իրենց հայթայթած իմաստութիւնը, փորձառութիւնը գործածեն մեր կործանումին, առնուազն տկարացումին։ Ի՞նչ ըրիք։ Բայց կը կրկնեմ ու կը կրկնեմ, մեր իսկ ձեռքովը մեր ծոցին մէջ պահեցինք տզրուկը, որ մեր արիւնը քամեց։ Ու քիչ բան չէ ասիկա, պարոն յեղափոխական։

-Պարտաւոր եմ պաշտպանելու իմ ժողովուրդս այդքան անիրաւ ու անգութ վճիռներու դէմ։ Ձեր կայսրութեան տարածման մէջ ինչո՞ւ կ’ուրանաք մեր բաժինը։ Դարերով ձեր բանակները պարենաւորողը ձեր տզրուկ որակած մարդերը եղան։ Մենք աշխատեցանք, երկրին տնտեսութիւնը առինք մեր քամակին, ու դուք կուշտ ձեր տուներէն, մեր եղովը զօրացած՝ ելաք աշխարհ նուաճելու։ Որքան շուտ կը մոռցուին բաներ, որոնք բլուրի մը ետեւը կը մտնեն։ Մենք աշխատեցանք միայն ու միայն ձեզի համար։ Կ’ուրանա՞ք։

-Պատմութեամբ, անցեալով, յիշատակներով, գերութիւնը ազատ ստեղծագործ աշխատանքին հետ շփոթելով դատ վաստկիլ, ահա ձեր աճպարարութիւնը։ Բառերով դատ չեն վաստկիր։

-Կը հասկնամ։ Բայց բառերով ալ չէք կրնար հերքել ակներեւ ճշմարտութիւնները։

-Այսինքն՝ թշուառութիւնը ձեր հայրենակիցներուն։ Զոր մեծցուցիք, ոսկեզօծեցիք, յանձնարարուած արուեստով մը, օտարներուն նպատակները լուսաւորելու չափ յիմար գեղեցկութեամբ մը։ Ձեր թշուառութիւնը, բռնաբարումը, հարստահարութեանց, հալածանքին հեքիաթները, որոնք խնամքով պատկերազարդեցիք ձեր մեծ բարեկամներուն մատուցուող յուշագիրներուն նիւթ ճարելու ձեր միամիտ, ձեր յիմար աճապարանքին մէջ։ Նոյնիսկ տասը տարիէ ի վեր ուժգնութեամբ գործադրուող ճնշումին հակառակ, ձեր բնակչութիւնը կը պահէ յաւելման իր սակը, ամէն նահանգի մէջ, ինչպէս ես հաստատեցի վիճակագրական տախտակներէն։ Հակառակ ահագին փոթորիկին, որ հնձեց ձեր ամէնէն ընդունակ բազուկները, դէպքերէն հինգ­վեց տարի վերջ, կը բաւէ ձեր ձեռքէն բռնած, ձեզ պտըտցնել անգամ մը սա քաղաքին մէջ, ցոյց տալու համար ձեզի աստիճանը ձեր աղքատութեան։ Շուկա՛ն։ Ուր արժէքով ու ճաշակով վաճառատունները հրեաներուն ալ չեն պատկանիր, ո՛ւր մնաց թուրքերուն։ Այս նահանգին ամէնէն թանկ ճարտարարուեստը, Թուրքիոյ միակ ճարտարարուեստը, մետաքսի ու խոզակի գործը մեր ձեռքը չէ, որ կեդրոնացած է։ Թաղե՛րը։ Որոնք ձեզմէ բնակուած մասերու մէջ, եւրոպական քաղաքներու ծրագիր­յատակագիծը կը բերեն աչքի։ Տուները, հանգստաւէտ, լայն, գեղեցիկ ու արդի comfortին բոլոր առաւելութիւններովը։ Չհանդիպեցայ ձեր փողոցներուն մէջ Արեւելքի ընթացիկ խշտիներուն, որոնք այս քաղաքին մէկ կարեւոր մասը կը պահեն քանի մը հարիւր տարի առաջուան խեղճութեան, աղտին ու արտաքին աղքատութեան մէջ։ Մանարաննե՛րը։ Ուր աշխատողները ու գործող դրամագլուխը թուրք չեն ապահովաբար։ Ասիկա, այս քաղաքին մէջ, առանց արտի, պարտէզի։ Այս փարթամ բարգաւաճումն է ապահովաբար ձեր թշուառութեան խորհրդանիշ առասպելը։

-Անցեր եմ Անատոլուն։ Ու տեսածս բոլորովին տարբեր բան է, փաշա՛։

-Ես ալ եղեր եմ Վան, Կարին, Սվազ։ Ու իմ տեսածներս շատ մօտիկ բաներ էին ինչ որ արագ պարզեցի ձեզի։ Բոլոր այդ քաղաքներուն մէջ, դէպքին հակառակ, թալանին հակառակ, կառավարական ուժով ճնշումին հակառակ՝ շուկան անոնցն է։

-Եղա՞ծ էք Կովկաս։

-Չեմ հասկնար հարցումին նպատակը։

-Այսինքն՝ երկիր մը, ուր շատ մը ժողովուրդներ քով քովի կ’ապրին, անշուշտ իրար չհամբուրելով։

-Յետո՞յ։

-Ոչ ալ ձեր ծրագրածին, բացատրածին նման՝ իրար ուտելու երդումով։

-Յետո՞յ։

-Պիտի համոզուէիք, որ ժողովուրդներու այդ խառնարանին մէջ, ուր ձերինն ալ մեծ քանակով իր բաղկացուցիչ տարրերը ունի, իմ ժողովուրդը, պայմաններու նոյն որոշադրութեամբ, նոյն ճնշումով, երեւան բերած է ինչ որ դուք հզօր նախանձով մը շատ կը տեսնէք իրեն հոս։

-Բայց հովը ուրիշ կը փչէ Էջմիածինէն։

-Վասնզի իրօք ուրիշ կը փչէ։ Ռուսերը մեզ կ’ատեն իրենց պաշտօնատարներուն ուղեղովը։ Բայց միտքէ չեն անցուցած աշխատողին տունը մտնել ու անոր լուծքը առջին ձգել ու ելլել­երթալ։

-Ո՞ր թուրքը եղած է ձեզի դէմ այդ բարբարոսութեան մէջ։

-Ո՞ր թուրքը չէ եղած, փաշա՛։

-Կ’աղաչեմ, պարոն յեղափոխական, դուք կը շփոթէք քուրդը թուրքին հետ։

-Ո՞վ կը զինէ, կը քաջալերէ, կը թելադրէ քուրդը։

-Ասպատակները հասարակ ոճրագործներ են ու կը պատժուին ամէն երկրի մէջ։

-Այո՛։ Թուրքիոյ մէջ սակայն շքանշանով կը վարձատրուին։ Կովկասի մէջ ալ գոյութիւն ունին այդ քուրդերը։ Բայց ոչ մէկուն միտքէն կ’անցնի օր­ցերեկով ներկայանալ դրացի գիւղին, պահանջել հօտերը, առնել բռնի, դիմադրութեան պարագային՝ արիւնով, քաշուիլ չորս ժամ անդին ձորակի մը մէջ եւ իւրացնել գողօնը։ Ո՞վ դրած է հոն այդ յարգանքը հանդէպ ուրիշին ինչքին ու պատիւին։ Ոչ անշուշտ այդ ժողովուրդները։ Ու ներեցէք, որ աւելցնեմ, այդ ցեղերու տնկարանին մէջ իմ ժողովուրդը կը մնայ ամէնէն շահեկանը, երկրին համար օգտակարը, խորունկը։

-Նոյն այն պայմաններով, որոնք ձեզ ուշքի կը ձգեն հոս։

-Այսի՞նքն։

-Խորամանկութեամբ, խարդախութեամբ, ագահութեամբ, անհուն եսասիրութեամբ, վաշխով, փոքրութեամբ, սողոսկումով, տզրուկի ժանիքներով եւ աղաւնիի անմեղութեամբ, ու զոհի եղերական արտայայտութեամբ։

-Դուք Թուրքիան տուիք, եւ ոչ ուրիշ բան։

-Թիֆլի՞սը, Բաքո՞ւն։

-Այսի՞նքն։

-Նաւթի իշխաննե՞րը։

-Անոնք դուրս են մեր ազգէն, ինչպէս բոլոր հարուստները դուրս են իրենց ժողովուրդէն։ Մեր ժողովուրդը այդ հարուստները կը դասէ օտար։

-Բայց անոնց շնորհն են ձեր հանրային հարստութիւնները։

-Ատով կը քաւեն այդ անզգամ արարածները չարիքը, զոր հասցուցին իրենց ժողովուրդին։

-Ձեր մեծատաղանդ վաճառականնե՞րը։

-Որոնք աշխարհը խարդաւանեցին, բայց ամէնէն շատ իրենց ցեղակիցները, որբն ու այրին։

-Շէյխե՞րը, փաշանե՞րը։

-Անշո՛ւշտ։ Ձեր ապականութեան խմորներն են, անոնք ձեր սիրասուն ձեռակերտները։

-Այսի՞նքն։

-Ձեր, բոլոր իշխողներուն կողմէ մարզուած սողուններ այդ մարդիկը, որոնք պաշտօն ունին ձեր ապականութիւնները համազգեստով ու շքանշանած մեր մէջ փոխադրելու։ Մեր ընդոծին առաքինութիւնը խաթարելու գեղեցիկ հնարքը։ Կը վարձատրէք շատ գողնալուն, շատ մատնելուն, շատ տուն մարելուն համար այն թշուառականը, որ իր ցեղին փոխանակ յատկացնելու իր ընդունակութիւնները, ծառայեց ձեզի։ Դուք էք ստեղծած մեր նոր դասակարգին ամէնէն անտանելի, ամէնէն եսասէր, անարգ տարրը, էֆէնտին։

-Զօրաւոր է ձեր ատելութիւնը։

-Պակաս, փաշա՛։ Այդ մարդերն էին, որ գառնուկի մորթով մեզ մոլորեցուցին։ Տաճիկներու ծառայելը ըրեր էին մեր պապերն ալ։ Բայց ատոր համար կ’ամչնային պարծենալէ։ Ատոնք կը մատնեն ու ոստիկանատունը ձգելով կ’երթան եկեղեցի, կը հագնին տիրացուի շապիկը եւ կ’երգեն իրենց պապերուն հեղինականութիւնները, անոնցմէ աւելի եռանդով։ Այդ ոգին է, որ աւելցաւ ձեր միւս խորամանկութեան։ Խուլ ու յամառ իմաստութեամբ մը, մեզ քշեցիք դաշտերէն դէպի քաղաքները, դէպի էֆէնտիութիւնը, վստահ ըլլալով մեր հոգին արմատախիլ ընելու, իր դարաւոր խարիսխներէն։ Գիտէ՞ք, որ մեր ժողովուրդը կ’ուրանայ, այդ էֆէնտիներուն հետ, նաեւ այդ պազիրկեանները։ Աւելի՛ն. զանոնք կ’որակէ «ցեց», «մակաբոյծ»։ Հոդ չէ մեր ժողովուրդը։

-Ո՞ւր է ան այն ատեն։

-Հո՛ն։ Միշտ այդ Կովկասին արեւմուտքն ու հարաւը։

-Ինքնատիպ բաներ կ’ըսէք։

-Ամէն մարդ շնորհն ու մասնագիտութիւնը չունի զօրաւոր ու անգութ բաներ ըսելու։

-Առնուազն նոր է իր ժողովուրդին հիմնատարրը ուրանալու ձեր փարատոքսը։

-Թերե՛ւս։ Նորը՝ մեր ժողովուրդը պիտակելու օտար եռանդն է, որ անցած է եւրոպացիներէն ձեզի։ Մերն է, փաշա՛, ոչ ձեր գոված պազիրկեաններունը կամ էֆէնտիներունը, այլ մեր գեղջուկին դարաւոր նուաճումը՝ ինչ որ Կովկասէն դէպի Արեւմուտք կը ձգուի իբր ընտելացած վայրենութիւն, իբր գիծ­գիծ շահուած գեղեցկութիւն, շնորհ, անուշութիւն, այդ ամեհի խորութիւններէն, որոնք տարրերու խուլ զայրոյթը այդպէս կը սեւեռեն ծովերէն այնքան վեր։ Միայն Կարինը, երկնամերձ իր աշտարակումովը բաւ էր արժէքը տալու համար ոգիին, որ այդ բարձունքները գիտցաւ նուաճել։ Ատիկա չըրին իշխանները, նախարարները։ Ատիկա ընողը ձեր գերի որակած ամբոխն է։ Հայկական բարձրաւանդակը աշխարհագրական չէզոք բացատրութիւն չէ, այլ՝ յաղթանակը ցեղին, որ այդ խուժդուժ լեռներուն մարդկեղէն ոճ մը, սլացքի ճարտարապետութիւն մը, հոգի մը, դաշնակութիւն մը հագցուց։ Հակառակ աւերակ իրենց լքումին, այդ բեկորները քաղաքակրթութիւնն են, որուն դէմ հանելիք ձեր զօրանոցները կամ աղքատ մզկիթները ձեզի համար կը կազմեն տխուր նիշեր։ Արարատն ու Արագածը, Վարագն ու Սիփանը. Գրգուռն ու Բիւրակնը լեռներու անուններ չեն, այլ՝ սառած խորհրդանշանները մեր ստեղծագործ ոգիին։ Ամենադաժան պայմաններու որոշադրութեան դիմաց, երբ պատմութիւն ու երկիր ձեռք ձեռքի կու տային մեզ արգիլելու, մեր ամբարձումէն, մենք մագիլներով կառչեր ենք այդ ապալեր բարձունքներուն։ Ու այդ լեռներուն փոքր մեղմացումէն, գետակի մը քմայքոտ գօտիէն կամ հովտակի մը վախկոտ տրապէզ ներէն իմ ժողովուրդը հաներ է շէն ու ապատ, քաղաք ու գեղ, արտ ու պարտէզ, գոյն ու այգի, բանաստեղծութիւն ու երաժշտութիւն, ու հոգին իսկ իր մարմինին, գողտր, տրտում, լուրջ, քաղցր, բարի, պարզ ու խորունկ այդ իսկանիւթը, որ մեր լեռներուն ծաղիկներուն մէջ երանգ ու արբշռանք ու մեր տղոց շունչին մէջ անապակ ու փափուկ սխրանքին է մեր երգերուն։ Ու հաներ է ատոնք բոլորը, հզօր ու չարաչար պայքարներէ յետոյ, ծուէն­ծուէն ու նեարդ­նեարդ կորզելով զանոնք ամայութեան ու դերբուկի, խորութեան ու վայրագութեան ամեհի հանգոյցներէն։ Դաշտի ժողովուրդ՝ դուք պէտք եղած ուժգնութեամբ չէք զգար այդ ճիգին դիւցազնական արժէքը։ Եկաք, անցաք, ու երբ վերջնականապէս քաշուիք օր մը այդ լեռներուն վրայ ձեր բանաձեւած իրաւունքներէն, այն ատեն պիտի դատէք, թէ որքան վեր էր ձենէ այն ժողովուրդը, զոր չխղճահարեցաք գերիներու արջառ մը որակելէ։

-Ուրիշ երկիրներու, ուրիշ ժամանակներու գերիները ուրիշ բան ըրա՞ծ են արդեօք։ Մի մոռնաք հելլէն գերիները։

-Կը շփոթէք, փաշա՛։ Հելլէն մշակոյթին մէջ գերին բոլորովին ուրիշ բան է։ Արաքսի հովիտը, Վասպուրականի հովտակները, Մուշի դաշտը գերիներով չեն շինուիր։ Երկիր մը արտայայտութիւնն է զինքը լեցնող, ակօսող խորհուրդին։ Ահա թէ ինչու ձեր բոլոր ուրացումները, մեզ նուաստ ցոյց տալու մոլեռանդութիւնը, մեր տկարութիւնները խոշորցնելով մեզ աճիւնի վերածելու ձեր խաբէական սոփեստութիւնները անզօր կու գան զիս կասկածելէ իրականութեանը այն օրուան, երբ եկամուտները, խուժերը, դաշտայինները, տափաստանեան հորդաները ինքնաբերաբար կամ բռնի պիտի քաշուին այդ հողերէն։

-Ռուսերն ալ անշուշտ։

-…

-Ինչո՞ւ կը լռէք։ Տափաստանեան ամենամեծ զանգուածը անոնցն է։ Ու ձեր երկրին մէկ կարեւոր մասը անոնց գարշապարին է ինկած։

-Մեր ժողովուրդը ըսած է. «Ապագան Աստուծոյ ձեռքն է»։ Չըլլան անոնք աւելի մեծ, քան հռովմայեցիները։ Դարերու կարկինը ճիշդ չէ գործածել տարիներու սկաւառակի մը վրայ։

-Կը հասկնամ ձեզ, ո՛չ անշուշտ իմացական օրէնքներով։ Կարգ մը բաներ ձեզի մատչելի կ’ըլլան մութ ճամբաներէ։ Ձեզ ընդունելու համար պէտք է վերադառնալ մասնակի այն հոգեբանութեան, որով մարդիկ իրենց մռայլութիւնը, թշուառութիւնը կ’ոսկեզօծեն` իրենք զիրենք նկատելով հզօր ու երջանիկ։ Այս պատրանքը՝ նիւթական կարգերու վրայ։ Բայց մա՛նաւանդ բարոյական կարգերու մէջ։ Պէտք պիտի ըլլար հնարել նոր բառ մը, տարազելու համար իմացական սա հաշիշամոլութիւնը, ուր կ’ապաստանին կեանքէն պարտուածները, անհատ թէ ժողովուրդ, նոյնն է տարազը, այդ բռնի ճարուած միգամածին ընդմէջէն, իրենք զիրենք անզգայ ընելով, քանի որ հեռացուած են աշխարհին մեծ կրկէսներէն, յաղթողներուն, յաջողուածներուն վերապահուած, ուր կու գայ կեանքը, լեցուն ու խոշոր կեանքը։ Ժողովուրդներու արժանիքը ես կը զետեղեմ միապաղաղ զգայութեանը մէջ այդ ապրումին խորութեան, ուժգնութեան եւ քաղցրութեան։ Որքան տարտամ, տժգոյն կը թուին այս մտածումները ձեր ականջներուն։ Դուք կը նմանիք մշտապէս հարբուխ այն տղոց, որոնք ծաղկաստաններուն մէջ ոչինչ կը զգան։ Որքան դժուար է ձեզ թեւեր ճարել` հետեւելու համար մեր արձակութեան, մեր յաղթանակներուն։

-Ձեր պարտութիւններուն…

-Անոնց ալ ուրիշ է դերը։ Սա պահուս, ես քաղաքականութիւն ընելու տրամադիր չեմ ձեզի հետ։ Ըսի ձեզի, թէ իմ պաշտօնիս քովէն, ես անջատ մտածող մըն եմ։ Նոյն ատեն յաղթական ցեղի մը զաւակը, որ խելքը ունի ձեզ խօսեցնելու, միշտ ի հաշիւ իր մտածումներուն, որոնք կեանքին շուրջը միայն յաղթանակ չեն սահմաներ։ Գովեցիք ձեր ոգին, որ ոճ մը տուաւ անկերպարան բնութեան։ Մտածեցի՞ք նաեւ այն ոճին, զոր մեր ժողովուրդը տուած է իր գրաւած երկիրներուն։ Անշուշտ, Անատոլուն պտըտած ատեն, դուք տեսաք այն միւսը, պէյէն, փաշայէն, մոլլայէն ու էֆէնտիէն դուրս միւս երիտասարդը, ըսենք թուխ էրիկմարդը, որ մեր դաշտերուն ու սարահարթներուն տուած է ճիշդ ու ճիշդ իր ոճը, ճարտարապետութիւնը։ Այդ դաշնակութիւնը, որ այնքան մօտիկը կը կենայ ձեր փառաբանածին, ինծի համար ալ խարիսխն է մեր քաղաքակրթութեան, զոր արտաքին փաթաթներ տարաշխարհիկ պատմուճաններ կը հակադրեն, անիրաւ տեղը, իրարու։ Վայելքներու, զգայութիւններու տարասեռ սանդուխը մեր ու ձեր հոգիներուն, որոնք նոյն ցօղէն թոյն ու արցունք կը թորեն։ Աւելորդ է իրար բզկտել, իրարու դէմ հանելով մեղադրանքներ, որոնք առաքինութիւններ են ինքնին։ Բայց այս մտածումներուն մօտենալ ձեր կողմէն սրբապղծութիւն կը նկատուի, քանի որ այս զիջումով պարտաւոր պիտի ըլլայիք մեզ ալ ներս առնել մշակոյթի գօտիներէն, որոնցմէ տարագրուած ենք ձեր միամիտ տգիտութեամբ։ Դուք քաղաքակրթութիւնը այլափոխած էք բոլորովին, զայն պարպելով իրական կեանքի իր պարունակութենէն, եւ մասնաւորած՝ աւերակներու տիրապետութեան մը։ Կը պարծենաք ձեր կործանած քաղաքներու փշուրներովը, որոնց գերգնահատումին ալ մէջը այնքան միամիտ, անխելք եղաք։ Մոռցաք, թէ պարիսպներ, աշտարակներ, հազարով եկեղեցիներ բարձրացուած էին երկրաշարժին լախտին կամ հրդեհին երախին համար, եւ կամ՝ բուերու բարգաւաճ կայսրութեան մը իբր նախաշաւիղ ուրուացում։ Տխուր է այս պարծենկոտութիւնը։ Կ’ուզէ՞ք որ քալեմ աստիճան մը աւելի ցած։ Այսինքն՝ կշիռքի զարնեմ ինչ որ այնքան յոխորտօրէն կը փառաբանէք, ժողովուրդները, բոլորը…

-Դուք ալ։

-Մէջն ըլլալով նաեւ մենք, ըսել կ’ուզեմ՝ ազգերու յաղթանակները։

-Յետո՞յ։

-Ազգերու տիրական, տարբերական առաքինութիւնները։ Մեծ ու փոքր, օժտուած ու անժառանգ դարաւոր ժողովուրդները։ Ասիա՜ն, որմէ գրաւած են իր մեծութեան ստորոգելիները. մոռցած՝ իր ճարտարապետած կայսրութիւնները, ուրացած՝ ներկայ մշակոյթը յարդարող ամուր իր պայքարները։ Ազգերու ստորին ծագումին հեքիաթները։ Կը խորհիմ՝ կարդացած էք նորոյթ Կոպինո ն։

-Դուք ձեզ կը հերքէք։

-Միշտ կ’աճապարէք։ Գուցէ։ Բայց ձեզ ալ չեմ սրբացներ։ Ի վերջոյ, ի՞նչ է ճակատագիրը ամենամեծ յաղթանակներուն։ Անոնք քիչ անգամ ուրիշ բան եղան, քան թէ քանի մը տող սեւ ճանճեր, սառած, պատմութիւն կոչուող մեծ գիրքի մը էջին։

-Այն ատե՞ն։

-Ըսել կ’ուզէք՝ մեր ատելութիւննե՞րը, ոխե՞րը, անգթութի՞ւնը, անյագութի՞ւնը։ Այո՜։ Ատո՛նք։ Ու ատոնցմէ անդին նաեւ փառքերէ, դերէ, դարաշրջանէ, երկրամասէ, մշակոյթէ ու ոսկեդրուագ ասորութենէ ձայն տուող­առնող։ Ամենովբիս եւ Դարեհ։ Աղեքսանդր ու Կեսար։ Հռովմ ու Բիւզանդիոն։ Քրիստոնէութիւն եւ իսլամութիւն։ Անգլիական կայսրութիւն եւ օսմանեան աշխարհակալութիւն։ Ու ոսկեդարեր։ Ու մեծ, արեւ­արքաներ։ Ու արուեստով գունաւոր ինքնահաճութիւններ։ Ու գիտութեամբ զրահուած հպարտութիւններ։ Ու բանակներ ու գերութիւններ։ Ու շրջաններ։ Կարելի է դարերը այսպէս բառերու, մէկ­երկու վանկնոց չոր ճանճերու վերածել։ Իրականին մէջ, բառեր, բոլորը, տղա՜ս։ Որոնք պիտի բաշխեն ճակատագիրը իրենց տաղաւարած խորհուրդներուն, դարէ դար տժգունելով, վերածուելու համար անսկիզբ այն փոշիին, որ կեանքին ալիւրն է` ցանուած հողերու երեսին։ Այդ բառերէն շատեր այսօր անդարձ սրբուած են հասարակաց սեղաններէն։ Ասորական մեզի այնքան մօտ մշակոյթը էջ մը հեքիաթ իսկ չէ ձգած։ Ու միւսնե՞րը։ Այսինքն՝ անոնք, որոնք մեզի կապուած կը թուին զօրաւոր զգայութիւններով։ Որոնց կը սպասէ սակայն նոյն նուաստ, եղկելի ճակատագիրը։ Պիտի փտին անոնք իրենք իրենցմէ։ Յետոյ՝ զիրենք հեղինակողներուն մուրճէն փշրուած։ Դուք ուրիշ բան չէք ըրած ձեր պատմութիւնը բզկտելու ձեր մոլուցքին մէջ։ Յետոյ՝ հակառակորդներէն։ Ռուս կայսրութիւնը՝ ինչպէս անգլիականը պիտի տապալին հարազատ ռուսերէ եւ սաքսոններէ։

-Ապշեցուցիչ է այս եռանդը՝ ձեր պատմութիւնը, ձեր փառամոլ ծրագիրները այսքան ճշդութեամբ հերքելու։

-Ապշեցուցիչ է ձեր ալ միամտութիւնը ժխտական այս մտածումներուն հաշիշը այսքան հեշտանքով, այսքան ուղղափառ եռանդով վայելել ուզելու։ Գոնէ կը հաւատա՞ք, որ թուրքերն ալ հաղորդ են կարգ մը զգայութիւններու, որոնց մենաշնորհը չէք զիջիր ուրիշներու, ամէնէն շատ՝ թուրքին։ Կարելի է այս խօսակցութիւնը երկարել հարիւրով էջերու վրայ։ Պիտի չսպառի անոր վշտոտ, եղերական շահեկանութիւնը, երբ զայն վարողներէն մէկը փաշա մըն է, միւսը ՝ ծանր պատժապարտ մը, մէկը թուրք մտաւորական, ու միւսը՝ հայ յեղափոխական։ Կը վերջացնեմ անոր այս մասը՝ կանչելով ձեր ուշադրութիւնը պարագայի մըն ալ վրայ։ Խորհած ունի՞ք, ի՜նչ ահաւոր մղձաւանջ է ձեր ջիղերուն վրայ կախուած ինչ որ կը կոչուի թուրք տիրապետութիւն։ Որ մեզի համար անհուն ներշնչում է ու գեղեցկութիւն, վայելք ու հանդէս։ Ու ձեզի՝ անսփոփ, անհանդուրժելի գերութիւն։ Այսպէս է շինուած այս աշխարհը։ Իրաւի եւ սուտի հարց չեմ յուզեր ա՛լ։

Հազարապետը լռեց։

Կարմրած էր անիկա մինչեւ նուրբ ականջները։ Քրտինքի մօտ բան մը քունքերուն եւ ճակտին։ Որոնց վրայ մեղմ շրջան մը կ’ընէր մետաքս թաշկինակը։ Հոտաւէտ, գեղեցիկ, էգ ու թուրք։ Մաթիկ Մելիքխանեանցը շղարշին մաքուր մարմինը կը դիտէր հիացիկ։

Լռութիւնը անոնց զգացուց, որ արեւելեան պատին մեծ ժամացոյց կար, որուն կեդրոնին արաբ մանկիկի մը պատկերը, մանրանկար, տգեղ ու աչքի տեղ երկու յուլունքով։ Կիտուածին փորագրուած այդ նկարիկը ժամացոյցին հոգին ըլլար, վասնզի երկվայրկեանները զարկած ատեն կը ցնցուէր իր սիրտէն։

Երկուքն ալ զգացի՞ն այդ սրտազարկը։ Բայց երկուքին ալ նայուածքը րոպէաբար իջաւ Սողոմին ու բարձրահասակ ընկերոջ, որ, ձեռքը ծնօտին, խոր յոգնութեամբ ու անձուկով կը թուէր հետեւիլ անհասկնալի բարբառին ու կը տառապէր իրեն համար նոր վախերով։

-Շատ հեռացայ իմ հարցումներուս իրական շրջանակէն։ Ռուսերը խօսիլը կը նմանցնեն խմելուն։ Մարդ կը սկսի երկու բաժակի որոշումով ու չի գիտեր, թէ ուր կ’երթայ։ Մնաց որ, այսպէս շեղումներ, փախուստներ անհրաժեշտ են։ Ոստիկանութիւնը իբր զբաղում տխուր արհեստ է, պարոն յեղափոխական, նոյնիսկ մեր ուժերու մասնակի պայմաններու շահեկանութենէն ալ դուրս։ Մտածողական այս մարզանքները ինծի սիրելի ժամանցներ էին, Գերմանիա, ռուսերու հետ, որոնց երիտասարդութիւնը իր բորբ եռանդովը վախ ու ձգողութիւն կ’ազդէր ինծի։ Անցողակի յիշեմ, որ անոնք, այդ նոր գաղափարներուն ամէնէն հաւատաւոր առաքեալները, սա մեր հին աշխարհը նորոգել կրնալու համար, շատ մը անհրաժեշտ պահանջներու կարգին, պայման կը դնէին, մասնաւոր յամառութեամբ, ջնջումը հինցած, փոքր, անպէտ ազգերուն։

- Օրինակի համար։

-Իրենց կայսրութեան եղերական բոլոր ցեղերը կը հասկնային այդ տարազին տակ։

-Թուրքե՞րը։

-Անոնք արդէն ինքնաբերաբար կը մեռնէին։ «Հիւանդ մարդը» անոնց դիւանագիտութեան ստեղծումն էր։ Տխուր է անշուշտ յիշել այս բաները։ Բայց կը խոստովանիմ, որ այս խօսակցութիւնը ինծի թելադրող ոգին այդ օրերու հոգեբանութեան մէկ խթանն է իմ մէջ։

-Յուսախա՞բ։

-Գրեթէ։

-Ես ռուս մը չեմ սակայն։

-Ձեր բերանը կ’ըսէ ատիկա։ Մինչդեռ ձեր բոլորին ալ հոգին շինուած է անոնց ձուլարաններուն մէջ։

-Մեր զգացումները պարզ են սակայն հանդէպ ամէնէն հսկայ բռնակալութեան։

-Ու տարօրինակը հոս է ահաւասիկ։ Թուրքիա ծնած ու Եւրոպա ուսում տեսած յեղափոխականները դիւրին է հասկացողութեան մը կանչել ` առնուազն զանոնք ջնջելով։ Ձեզի հետ չկայ հաշտութեան հասարակաց գետին մը։ Չեմ ալ չափազանցեր ձեր նշանակութիւնը։ Կը տարբերիք մերիններէն, ըսել կ’ուզեմ՝ մեր հողերու ծնունդ յեղափոխականներէն, պատրաստութեան, սկզբնական ձուլարանին մարքա յովը։ Ռուս ֆապրի ք ան միայն կու տայ այդ ապրանքներէն, որոնք յեղափոխութիւնը իրենց գոյութեան նշանաբանը կ’ընդունին, իրենց ապրուստին ճամբան։ Անկէ դուրս շնչել մը անկարելի է իրենց։ Այդ է պատճառը, չունինք տարազ մը ձեզի մօտենալու։

-Ձեր ձեռքին տակն է անիկա, փաշա՛։

-Անո՞ւնը։

-Ազատութիւն։

-Ձգեցէք այդ հռետորական բացագանչութիւնը, որ բառ ըլլալէ աւելի՝ բնազդական ճիչ մը կը թուի երբեմն մարդոց շրթներուն վրայ։ Հեքիաթին փիւնիկը՝ զոր կը տեսնեն ու չեն ճանչնար։ Ռուս ոգին դէմ է անոր։

-Մեր խօսակցութեան այս ընթացքը դժնդակ է, փաշա՛։ Առաջին անգամն է, որ պատասխանատու անձի մը կողմէ ինծի կը տրուի դժբախտ պատեհութիւնը մեր Հարցը տեսնելու այսքան այլացած։ Դուք, տարօրինակ հռետորութեամբ մը, մեր շատ պարզ, շատ իրական պահանջը հեռու պահեցիք նոյնիսկ խօսքի բեմին իջնալէ։ Հրեցիք զիս աջ ու ձախ, ըստ ձեր աւանդական քաղաքականութեան, խղդելու համար ազատութեան մեր սրբազան, անտեղիտալի իրաւունքը օդային խորհրդածութեանց հեղեղի մը տակ։

-Կարիք չկայ սկսելու բաներ, որոնք ըսուելու են այսքան բարձր անիրականութեամբ մը։ Տղայական չէ՞ք գտներ ձեր ջանքը թուրք փաշա մը համոզելու մարդկային իրաւունքներու, անմահ, անտեղիտալի սկզբունքներու փայլուն, բայց այնքան ալ առաձիգ, օդային հրթիռին, բառախաղի՜ն։

-Ինչ որ ձեզի համար փցուն բառախաղ կը թուի, մեզի համար մեր գոյութեան գերագոյն տագնապը կը խորհրդանշէ։

-Կեանքի եւ մահուան հարց մը, ինչպէս կ’երդուըննան դպրոցական տղաքը, յեղափոխական արձանագրուելէ յետոյ, ինչպէս կը պոռան ձեր կարմրուկ թերթերը, Փարիզի կամ Լոնտոնի գարեջրատուններուն մէջէն ձեր, յիմարներուդ դրամովը ճարուած դեղին ու թաւշային հաճոյքները մոռցնել տալու համար իրենց մեռած խղճմտանքներուն։ Կենանք, պարոն յեղափոխական, կենանք։ Մնաց որ, քաղաքական խօսակցութիւնը չի վայլեր ձեր ժողովուրդին։

-Թուրքի՞ն։

ծնէ քաղաքագէտ է անիկա, մի ցաւիք։ Ու մի գտնէք զարմանալի այս վարկածը։ Չի դադրիր անիկա տառապէս ճշմարիտ ըլլալէ։ Երկու դարէ ի վեր մեր բանակներուն տկարութիւնը մենք մեզի համար քիչ վնասի վերածեցինք, մեր դիւանագիտական տուրքերովը։ Կը խորհիմ, թէ կը ծիծաղիք ձեր միտքէն այս յաւակնութեան վրայ։ Բայց քննեցէք խոր ու պիտի համոզուիք։ Կէս միլիոնի մօտ մարդ մաքրեցինք ձեզմէ ու այսօր ջուրին երեսն ենք կրկին։ Պոլսոյ ջուրէն խմող մը ուրիշ կերպ չի կրնար վարել։

-Մենք ալ ունենալու ենք այդ քաղաքէն դիւանագէտ ու ձեզի չափ վարպետ մարդեր։

-Ըսէք սըւոնց «հաստ ու սովորական» ասիացիներ, որոնք իրենց քիթէն անդին անկարող եղան ուղտը տեսնելու։ Մա՛նաւանդ անոնք, որոնք կառավարական շրջանակներու մէջ երես ու վարկ ունեցան։ Պէյերը, փաշաները, վերջին շրջանին, վախով անդամ ա լոյծ, իրենց ամսականին եւ շքանշաններուն պահպանումը հետապնդող, ցուրտ ու ցաւագար այդ մարդիկը խունկ ծխելու գիտութիւնը կ’ուզէին քշել մեզ ի, յեղափոխութիւնը բերանացի դատապարտելով ու ձեռքի տակէ իրենց դիւանագիտական իմաստութիւնը տրամադրելով ըմբոստներուն։ Ասո՞նք, ձեր դիւանագէտները, երբ իրենց փոքրագոյն մտածումն իսկ ծանօթ է մեզի։

-Մեր պատրիա՞րքը։

-Այնքան՝ որքան ձեր կաթողիկոսը։

-Բոլորովին հակադիր մարդեր են։

-Անտաղանդութեան մէջ իրարու հաւասար։

-Զարգացած եկեղեցական կը նկատուի։

-Մարդոց հեքիաթը մարդերէն աւելի կ’արժէ։

-Փիլիսոփայ։

-Տե՛ղը մնան այդ տիտղոսները ու անոնցմով հովանաւոր բրածոյ այդ գիտութիւնները։ Ձեր կաթողիկոսին անպարագիծ տգիտութիւնը իմ աչքին աւելի կշիռ ունի, քան այս սուտ, մուրացածոյ իմաստութիւնը։ Իր գաղափարներուն տարողութիւնը միջակէն ալ վար կը մնայ։ Հակառակ տարօրէն հաստ ու միակտուր մտածելուն, ինքզինքը վայրկեանին մարդը կը յաւակնի։ Անհունապէս փոքր է, քան ժամանակին պահանջած տիպարը։ Իմ կարծիքովս, անոր տեղը Մխիթարեան վանքերէն մէկուն մէջ պէտք է ըլլար, եւ ոչ հոս։

-Բայց, ամէնէն աշխարհիկն է ցարդ, Պոլսոյ պատրիարքներուն մէջ։

-Կարելի է կը շփոթէք բառը։ Պոլիսը տուած է մեծ դէմքեր այդ աթոռին։ Անոնց մօտ ասիկա շինծո՛ւ մարդ մը։ Հակառակ եւրոպական լեզուներ խօսելուն, միտքը կը ներկայացնէ անասելի դատարկութիւն մը։

-Ի՞նչ բանէ։

-Իր դերին, պաշտօնին հասկացողութենէն։ Դիրք ու արձանագրութեան տոմար, այդ միտքը, եւ ոչ ուրիշ բան։

-Բայց մեր սալոնի պատրիարքն է ան։

-Արեւմտեան կարտինալներէն իր մէջ մթերուած ծեքծեքումն է պատճառը այդ համբաւին։

-Պալատին մէջ իր վա՞րկը։

-Արդիւնք՝ ժամանակներուն։ Մեզի համար գործակատար մը, որ աչալուրջ կը հսկէ գոնէ Պոլիսին։

-Այդքա՞ն։

-Ինք այդ հաւաստիքը կու տայ մեզի ու կը կարծէ, թէ կը գնահատուի այդ հաւատարմութեան համար ։ Ինք կը կարծէ, թէ սիրուած է պալատէն, ու չի փնտռեր զսպանակները իր վարկին։ Խորամանկութիւնը բայց գէրը ասիական կերպերը կը շփոթէ խորունկութեան եւ կարտինալութեան տուրքերուն հետ։

-Ազգը զայն ուրիշ կը դատէ։

-Ինչպէս իր սովորութիւնն է, ամէն բանի համար։

-Կը տեսնուի՞ք այս նիւթերուն շուրջը։

-Յաճախ։ Ու չ’ըմբռներ, թէ ճիզուիթական իր կերպերը չեն հասնիր մեզի։ Բայց ատկէ աւելի ցաւալին, չէ հասկցած իր ժողովուրդը։

-Իր ժողովո՞ւրդը։

-Ինչո՞ւ կը զարմանաք։

-Բայց անիկա համբաւը ունի մեր մեծագոյն մտաւորականներէն մէկը ըլլալու։

-Շինողը՝ դուք։

-Մեր նորագոյն, մեծ պատմիչը։

-Անծանօթ են ինծի այդ տաղանդները։

-Համադրող միտք։

-Կրնայ անուններ դասաւորել։ Դիտած եմ ատիկա իր մօտ։ Բայց դիտած եմ նաեւ միւսն ալ՝ անհաղորդութի՛ւնը՝ անուններով սեւեռուած խորհուրդին։ Վասնզի նոյն բանը չեն անուններ շարելը, նմանութիւնները գտնելը եւ այդ անուններուն թաքուն զօրութիւնը, թելադրանքը հասկնալը։ Այս անհասկացողութիւնը, սխալը ընթացիկ է շատ մը համադրական աշխատողներու մօտ։ Դէպքերը շարակարգելը, ցուցակներ կազմելը, թուականները ճշդելը տոմարակալական ձիրք մըն է ու քիչ անգամ ուրիշ բան։ Այդ մեքենական, դիւանական աշխատանքներէն վերջն է, որ կը սկսի տաղանդը։

-Այսի՞նքն։

-Այս հում նիւթերէն անդին կը սկսի պատմողին, համադրողին եթէ իսկապէս տէրն է մէկը այդ տիտղոսներուն թանկագին հանճարը, որ ժամանակին փոշիովը մթն ց ած հեռու, սառած շրջանները պիտի լուսաւորէ, ոգեղինէ ` իր իսկ արիւնէն հանելով անհրաժեշտ բոցը, այդ խաւարը ծակելու ու անոր ծոցը ճամբայ բանալու։ Վասնզի դէպքերը հող են, դիակը ծածկող։ Ես օտար մըն եմ ձեր պատմութեան, բայց նոր օրերու ձեր զարգացած եկեղեցականներէն շատ աւելի դիւրաւ կը հասկնամ ձեր մեծ հայրապետները, կաթողիկոսները, որոնք ձեր բոլորին համար յատուկ անուններ են։ Ատոնց գործունէութիւնը տարածուեր է իրենց ժամանակին վրայ ու ձեր քրոնիկները հազիւ յաջողած են այդ գործունէութեան արձագանգը սեւեռելու իրենց տժգոյն էջերուն։ Սրբացուցած էք զանոնք, վնասելով անոնց ազդեցութեան, վասնզի անոնց շնորհները հեռացուցած էք մարդկայինէն։ Մինչդեռ անոնք բոլորն ալ սիրտով, հոգիով մեծ մարդեր են, որոնք իրենց ժողովուրդին խորագոյն ալքերը թափանցում ունեցան։ Այս տեսնելու ձեւը յատուկ չէ միայն ձեր եկեղեցականներուն։ Արեւելքի միսթիքները ուսումնասիրած եմ խնամքով։ Ու ձեր հայրապետները այդ մարդոց գիծէն մեծութիւններ են։ Ձգելով Արեւելքը, Էջմիածինը, Պարսկաստանը, ուր այդ հոյակապ մարդերը քանի՜­քանի՜ հեղ իրենց հեղինակութեամբը ձեր վրայ խուժող աղէտները շեղեցին ձեզմէ, Պոլսոյ մէջ ալ եղան մեծազօր պատրիարքներ, որոնք առանց Հռովմէն գալու, ձեր ժողովուրդը պահպանեցին այնքան դժուարին կացութիւններու մէջ, եւրոպական դեսպաններուն էնթրիկ ներն ու ազդմունքները ճարտարօրէն հեռացնելով իրենց հօտին վրայէն։ Այժմու պատրիարքը այդ մարդոց անունները չի ձգեր բերնէն, բայց անմասն է անոնց հոգեկան ուժերէն։ Մեծ է կրօնականը, երբ խոր ու լայն կը զգայ, մա՛նաւանդ կը հաւատայ։ Ձեր պատրիարքը նախ իր դերին չի հաւատար։ Չ’արժեր աւելի զբաղիլ իրմով։ Պզտիկ մարդ մը, մեծ աթոռի մը ստուերին մէջը։ Որ քաղաքականութիւն կը խաղայ ու կարտինալական իսկապէս արեւմտեան առաքինութիւններ կ’ուզէ փոխադրել ձեր եկեղեցիին խորապէս արեւելեան ու ժողովրդական յօրինուածութեան մէջ։ Կաթոլիկն է, շուրջառը փոխած, այսինքն կրօնքը՝ քաղաքական զէնքի հետ շփոթող պրոպականտայի չսրբագրուած ուսանողը։

-Յայտնի է, թէ նեղուած էք իրմէ։

-Չափազանց, մա՛նաւանդ երբ դիւանագէտ է, այսինքն՝ բառով կը խաղայ։

-Պոլսեցի է։

-Մեզի՞ պէս։

-Դուք կ’ըսէք։

-Չի կասկածիր, թէ Գերմանիա ըրած զինուորական մը մոռցած բաներ կ’ունենայ այդ Արեւելքէն։ Հոյակապ են կեղծիքի իր ռազմափորձերը։ Անգլիական նաւատորմը՝ շարժման մէջ դրուած, համոզելու համար մեզ իր հօտին հաւատարմական զգացումներուն վրայ։ Ու չի մտածեր, թէ նոր փաշաներ տարիներով աշխատած չեն օտար համալսարաններու մէջ, որպէսզի այդ քիչիկ բանն ալ չկրնան զանազանել, սուտը իրաւէն։ Վերջապէս աղօթքով, մաղթանքով, թէմէննահով, ածականներով խաբուիլ սորվելու չգացինք Գերմանիա։ Անկարելի է հետը լուրջ, առնուազն գործնական ըլլալ։ Կը խաբենք զինքը, իր բառերը իրեն դարձնելով, քիչ մը ներկելէ ետքը։ Ու տխուրը հոն է, որ գիտնալով կը խաղայ մեզի ու ձեզի հետ այս անվայել խաղը։

-Դադրեցուց ջարդերը։

-Ի՞նք։

Հազարապետը տրտում նայու ա ծքով մը սեւեռեց երիտասարդը։ Այնքան արգահատող զիջում կար այդ ակնարկին մէջ, որ Մաթիկին տժգոյն դէմքը քիչիկ մը կարմրեցաւ։

-Ձեր յեղափոխականները ուրիշ կերպ կը դատեն զայն։

-Տեսա՞ծ էք անոնցմէ։

-Քի՛չ։ Ժընեւ, Փարիզ։ Չհասկցան։

-Ի՛նչ բան։

-Թէ իրենց միջոցներով աղէտին կը վազէին։

-Անոնք զինուորներն են աղէտին։

-Իրենց հաշուո՞յն։

-Ոչ մէկ ատեն վախցան մահէն։

-Բայց իրենց մարմինները շոգենաւ նետեցին ` իրենց ոտքերով կոխելով արիւնը իրենց եղբայրներուն, տագնապի օրերուն, նաւամատոյց հասնելու համար։ Մահէն չվախնալը չի բաւեր։ Անկէ խուսափիլն ալ տաղանդ չէ։ Զայն բռնի չկանչե՛լը ահա իմաստութիւնը։ Գիտէին, թէ իրենց ցոյցերը արիւնի պիտի յանգէին, բայց կը հաւատային, թէ այդ արիւնը պիտի ծառայէր աղմուկի։ Միամիտ ու անտանելի երազատեսներ էին, մա՛նաւանդ Դէպքերէն առաջ։ Այն ատեն ես աւելի երիտասարդ ու քիչ վարժ՝ կը վիճաբանէի հետերնին։ Չկրցան հասկնալ, թէ Պոլսէն ղրկուած մէկն էի, իրենց մէջ երկպառակութիւն ցանելու պաշտօնով, զոր գործադրեցի յաջողութեամբ։ Չկայ դասակարգ մը այնքան դիւրախաբ, որքան այդ Փարիզի, Լոնտոնի մեծամիտ միամիտները, որոնք լրագրի ամբաստանութիւններով իրենց յեղափոխական եռանդը կը վատնեն ու ցեղային անհասկացողութեան նոյն փաստը կու տան մեզի ` պահանջելով բաներ, որոն ց իրաւունքը չունին։

-Կա՞յ աւելի սրբազան իրաւունք մը, քան ազատութեան պահանջը, փաշա՛։

-Բայց ո՞վ է հակառակ նման պահանջի մը օրինաւորութեան։

-Ուրե՞մն։

-Ուրե՜մն։ Պահանջէն յետոյ կը սկսի բուն հարցը։ Ո՞վ է ձեր ազատութիւնը ձեզմէ գրաւողը։ Անունը կ’ուզեմ այդ ժողովուրդին։ Մե՞նք՝ թէ յոյները, արաբները, թաթարները։ Գացէք անոնցմէ պահանջելու։ Ըսի ու կը կրկնեմ. մենք մեղք չունինք ձեր գերութեան հիմնապատճառին մէջ։ Օտարները մեղադրելէ աւելի ինչո՞ւ չէք ծանրանար ձեր վրայ։ Մենք ձեզ գտանք մարդկօրէն անորակելի թշուառութեան մը մէջ։ Դուրսի աչքով քննա՞ծ էք ձեր գեղերը, քաղաքները, երբ թաթարական հեղեղին մէջ դուք ապրեցաք տառական գերութիւնը այդ դարերուն։ Մեր շուքին մէջ ձեր այդ գերութիւնը փոխեց իր նկարագիրը։ Տուինք ձեզի վարչական դիմագիծ, իրաւունքը ապրելու եւ աճելու։ Պաշտպանեցինք ձեզ մեր իսկ բռնակալներուն դէմ։ Հիմա, հետեւելով ուրիշներու, յաւակնութիւններ կը բանաձեւէք, առանց միջոցներուն վրայ ազգովին ալ համաձայնութեան գալու։ Աւելի՛ն. ձեզի թշնամի ըրիք այն ժողովուրդը, որուն հետ խաղաղ դրացնութեան մը հեռանկարը պարտաւոր էիք քիչ­քիչ յարդարել։ Ըրիք հակառակը։ Բայց կը դառնա ն ք­կը դառնա ն ք ` իյնալու համար նոյն անելին մէջ։ Պարոն յեղափոխական, մեր խօսակցութեան տեսական մասը կը յայտարարեմ աւարտած։ Ոստիկանութեան պաշտօնեայ մը քաղաքական վիճաբանութիւն արտօնուած չէ ընելու։ Այս զիջումը՝ աւելորդ անգամ մըն ալ ապացուցուց, թէ հասկացողութիւն, հաշտութիւն անկարելի ցնորքներ են մարդոց միջեւ, որոնք այսքան խորունկ անջրպետներով բաժնուած են իրարմէ, ինչպէս ենք մենք, դուք ու ես, սա պահուն, էինք՝ ես ու անոնք, Ժընեւի մէջ, այն օրերուն։

-Հարցում մը սակայն։ Ի՞նչ էր պատճառը մեր այս տեսակցութեան։ Այս րոպէին անիկա մութ է ինծի համար։

-Հաւանական է։ Խօսակցութեան ընթացքին արտայայտուած գաղափարները կը խանգարեն ձեր մէջ արմատացած մտքի սիսթեմներ, որոնք շինած էք եսասէր փոյթով ու կարճ տարողութեամբ։ Այդ է պատճառը, որ այս տեսակցութեան իմաստը վրիպի ձեզմէ։ Թուրքը պէտք չէ խօսի, վիճաբանի, մտածէ։ Այս շնորհները հայերունն են։ Թուրքը պէտք է ջարդէ։ Ու ձեր շուարումը առաջ կու գայ այս քլիշէէն։

-Քլիշէ՜։

-Այո, տղա՛ս, այո։ Հարիւր անգամ այո։ Վասնզի, ինչպէս ըսի քիչ առաջ, թուրքը համբակ է այդ արհեստին մէջ։

-Մտածելո՞ւ։

-Ո՛չ, ջարդելու։ Թուրքը ո՛չ միայն համբակ է, այլեւ՝ հետեւակ։ Ձեզմէ սորվեցաւ անիկա գերիներ ջարդելը։ Յիշեցէք խաչակրութիւնները։

-Շատ վար իջաք։

-Շատ վեր ելլենք։ Այսօ՜ր։ Գիտէ՞ք, թէ ինչ տաղանդով Կլատըսթոնի Անգլիան կը ջարդէ իր հպատակները, յաղթահարած ցեղերը Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ Բայց գիտական այդ ջարդը աւելի մեղմ կը հնչէ աշխարհին ականջին։

- Ե րանելի է ձեր լաւատեսութիւնը, փաշա՛։

- Հարկաւ մեր մեթոտներն ալ կը նրբանան քանի մը տասնեակ տարիէն ու մենք ալ եաթաղանին տեղ կը գործածենք ճերմակ զէնքերը։ Ե րկաթ ցանցերու մէջ կին, տղայ, ծեր ոչխարի պէս մակաղել տալու հովուերգական արուեստը։ Ա յ ն ատեն, մենք ալ քաղաքակիրթ տիտղոսները փառքով պիտի դիմաւորենք։

-Տարբեր թուրք մը կը պատրաստուի ուրեմն։

հարկէ։ Ուսում առած թուրքը ուրիշ ձեւ չի մտածեր։ Եւրոպայի մտածումներուն, մա՛նաւանդ անոնցմէ որդեգրուած ջարդին էութեան։ Պատմութիւնը կեցած է մեր ետին։ Հինգ դար առաջ, երբ մեր բանակները կ’աւլէի ն թշնամի ժողովուրդները, այդ Եւրոպան, անոր ըրածին նման, նոյն բառերով մեզ կը դատէր։ Բայց Պապերու քարոզչութիւնները արգելք չեղան, որ Գաղիոյ մէկ վեհապետը զին ա կցի մեզի։ Չեմ գիտեր, պիտի գտնուի՞ն ձեր մէջ մարդեր, ատենին հասկնալու չափ նրբամիտ մեր՝ թուրքերուս, մտայնութեան սա նոր շրջափոխութիւնը։ Վասնզի կանխող դէպքերու ատեն մեր ժողովուրդը ամէն տեղ խնայեց կիներուն ու տղոց։ Նորերը, աւելի կարծր, այսինքն՝ աւելի հայրենասէր ու արմատական, պիտի արհամարհեն այդ կարգի նրբութիւնները։ Զգացումը, ուրիշներու մօտ դիտուածին պէս, քիչ­քիչ դուրս կը ձգուի մեր պետական շրջանակներէն։ Բաւ՝ վնասնե՛րը, որոնք մեզ տկարացուցին մեր բնաւորութեան այդ միամիտ ու նախնական շեղումներովը։ Ա տոնք բոլորը արգելքներ են թուրք դատին, որ մեր գերագոյն կրօնքն է հիմա։ Ու անողոք կրունկներով պիտի ճզմուին այդ դատին բոլոր թշնամիները։

-Ռուսն ալ ի հարկէ։

-Գէթ մեր երազն է ատիկա։ Ե րկու աշխարհներու մէջտեղ, երկու կողերէն անոր ենթարկուած ճնշումը հարկաւ արդիւնքի մը պիտի տանի իր թերի դաստիարակուած, ներսէն բաժան­բաժան երիտասարդութիւնը։ Թուրք դատին մեծ թշնամիներէն առաջ, մա՛նաւանդ անոր փոքր թշնամիները, այսինքն՝ ի մասնաւորի հայերը։ Ցոյց տուի՞, տուած եղա՞յ արդեօք թաքու ն ծալքը սա հարցին, որ տարիներէ ի վեր կը քաշքշուի աշխարհի մամուլին մէջ ու ստեղծած է այնքան նանիր ու սանթիմանթալ գրականութիւն ձեզի՝ ինչպէս դժբախտութիւններ շահագործող եղերամայր խմբակին, մայրաքաղաքներու դիւանագէտներէն ու միսիոնարներու կեղծաւոր համակրանքէն թեւաւոր։

-Այդքան արհամարհո՞տ։

-Տեղն է կրկնել, բայց այս անգամ ձեզի, այդքան անխե՞լք։ Ի՞նչ կ’ուզէիք ուրեմն։ Պիտի սպասէիք, որ ամերիկեան պառաւ օրիորդները կամաւորներու գլուխ ն անցած Հայաստա՞ն վազէին։ Չէ, տղա՛ս։ Եթէ ձեր ժողովուրդը, հատ մը չթողելու պայմանով, բնաջինջ ընէինք, ու ընենք ատիկա ամէնէն վայրագ ձեւերով, ոչ ոք տեղէն պիտի շարժի։ Մեր վախը ռուսէն է։ Ու ձեր բախտէն, այս անգամ զայն ունինք մեզի հետ ձեզի դէմ։ Ասկէ անդի՞ն։ Մեր ըմբռնումէն վեր է ձեր սխալին աստիճանը, երբ յեղափոխականներդ, մա՛նաւանդ ձեր մորթին վրայ, փորձն ալ զգացած էք ռուսական գնդակներուն, որոնք ձեզ երկու կրակի մէջ առին, կ’առնեն, պիտի առնեն։ Ասկէ դուրս, ունինք հինգ մեծկակ դարեր։ Եւրոպայի հետ մեր դարաւոր մենամարտը, հոգ չէ թէ իբր յիշատակ, անշուշտ կ’արժէ այնքան մը բան, որքան ձեր եկեղեցական պատուիրակութիւններուն շքեղ մօրուքները։ Դո՞ւք։ Ի՞նչ ունիք, ունեցաք։ Ոչինչ գրեթէ, եթէ թիւերը բան մը կ’ըսեն։ Ե րեք անգամ հինգ դարերու անկնճիռ գերութիւն։ Ուրի՞շ։ Զէնքէն օտար առաքինութիւններ։ Կ՚ ընդունիմ։ Զօրավարի փոխարէն, ձեր գերութեան մէջ, պիտի գտնէք պատկառելի ծերունիներ, ձեր կաթողիկոսներ ն ու հայրապետները, ներկայէն տարբեր խմորով ու հոգիով, որոնք ձեզի սորվեցուցին քաղցր գիտութիւնը, գոնէ գոց աչքով մեռնելու, զայն երկինքին մէջ անվախճան երջանկութեան վրայ բանալու հաւատքով։ Ի րար չենք հասկնար։ Ու լաւ է կենալ։

Հազարապետը կը խօսէր յոգնած։ Ու դէմքին վրայ անհանգիստ, անտրամադիր բան մը աւելի կը շեշտէր այդ տրտում զգայութիւնը իր ձայնէն դէպի երիտասարդը։

-Պատասխանելէ առաջ նոր հարցումներուս, լաւ կ’ընէք ամփոփուելով քիչ մը։

-Հարցաքննութի՞ւն։

-Ինչպէս որ կ’ուզէք։ Դառնանք մեր դերերուն։ Ատկէ առաջ, ձեզի թելադրութիւն մը, կարճ ու վճռական։ Յաջորդող րոպէները բախտորոշ են։ Ու դուք ձեր ձեռքը ունիք ձեր ճակատագիրը։

-Ի՞նչ կ’ուզէք ըսել։

-Քիչ ու շատ բան։

Յետոյ՝ ճակատը սրբեց մետաքս իր թաշկինակովը։ Ժամացոյցը գրեթէ կ’որոտար։ Ա րծաթէ սիկարնիկէ մը հրամցուց սիկար մը Մաթիկին, քիչ մը նեղուած՝ զիջումէն։

Միւսը մերժեց։ Չ էր ծխեր։

-Ուրե՞մն։

-Այո։

-Ձեզմէ կ’ուզեմ անունները անոնց, որոնց հետ գործ ունեցաք, մինչեւ հոս գալը։

-Ընելու չէիք այդ պահանջը։

-Պատճա՞ռ։

-Պատասխանիս պարզութիւնը ծանօթ ըլլալու էր ձեզի առաջուց։ Տղայ մը չեմ ես, ոչ ալ մահէն վախցող մը։

-Ինչպէս միւսները։

-Ինչպէս բոլորը։

-Այն ատեն մեր խօսակցութիւնը ոչինչ չէ փոխած ձեզմէ։

-Կը զարմանամ ձեր սպասելուն։

-Թէ բան կը փոխուի յեղափոխականին մէջ։

-Դուք կ’ըսէք։

-Այն ատեն դուք ձեր սկզբունքներուն կը դաւէք։

-Չեմ հասկնար։

-Գրեթէ յիմար էք, երբ կը կարծէք լռելով ծառայել ձեր ժողովուրդին։ Մեզ կը հարկադրէք մէկի տեղ տասը, հարիւրը ենթարկել պատուհասումի։

-Մենէ դուրս է ձեր գործելու այս ձեւը։

-տիկա ըսելն ալ բան չի փոխեր ձեր ճակատագրէն։

-Ալ ինչու՞ ուրեմն երկարաձգումը այս ամէնուն։

-Ունեցա՞ք բաժին այդ տղուն ոճիրին մէջ։

հարկէ ոչ։ Յեղափոխութիւնը ի՞նչ գործ ունի անիմաստ սպանութեանց հետ։

-Սպաննուողը պետութեան հաւատարիմ մարդ կը նկատուի։

-Այս մարզերուն վրայ ո՞վ հակառակ է ձեզի։ Մնաց որ, սպաննողը, եթէ երբեք ան է իրօք, մանուկ է ուղեղով։

- Դուք ձեր ահաբեկիչները կ’ախորժիք ընտրել այդ մատաղ ուղեղներէն։

-Այս գիւղերը յեղափոխութենէն այնքան կը հասկնան, որքան ձեր ագարակները ձեր գաղափարներէն։

-Կը հասկնան սակայն։

-Երբ ջարդեն կամ ջարդուին։ Անտեղի է, փաշա՛, մեր խօսակցութիւնը շեղել դէպի տաճկական դատավարութիւնը։ Բաներ կան, որ ըսուելու չեն։ Կենանք։

-Կենա՜լ։ Գիտէ՞ք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ կենալ։

-Քիչ մը։

-Ոչ քիչ։ Կ’ուզեմ գիտնաք աւելի։ Անշուշտ դժնդակ է առաջարկս. դուք պիտի ըսէք՝ տաճկական, բայց պարտաւոր եմ ընել զայն, նախ՝ խղճիս, յետոյ՝ ձեր ալ կեանքին համար, փակելէ առաջ ազատութեան դուռները ձեր երեսին։ Կը մտածեմ, թէ համոզուած էք բանտին ու անոր անխուսափելի իրականութեան, հիմա՝ որ լեռներ ու գիւղեր չունիք ձեր ետին։ Ու կը մտնէք ձեր վերջնական լրջութեան։ Ահա իմ առաքելութեանս վերջնական հանգրուանը։ Ունիք ձեր առջին երկու ճամբա, առաջինը՝ ըսել ամէն բան։ Անշուշտ, ամէն չարագործի վիճակուող բախտ մը չէ ասիկա։ Բայց ես անձնապէս պատասխանատու եմ իմ քայլիս։ Ըսել ամէն բան, նոյնիսկ ձեր շատ սիրած այդ ժողովուրդին շահուն, ու անցնիլ մեր շարքերուն։

-Որո՞նք այդ ձեր շարքերը։

-Մարդեր, հայ ալ, թուրք ալ, որոնք ողջմտութիւնը, հաշիւը, անցեալին դասերը կարող են գնահատել ու ձեզ կը սիրեն ու կը պայքարին ձեզ մոլորեցնողներուն դէմ։

-Ըսել կ’ուզէք դահիճներն ու մատնիչնե՞րը։

-Մարդասէրներն ու ազգասէրները։ Հայ կամ թուրք անոնք կը խորհին ձեզմէ շատ տարբեր փաստերու վրայ։ Ու անոնց կարծիքով ամէնէն բարբարոս մարդը, որ գութի ու սրտազեղման րոպէները ունի իր մէջ, ու ան միւսը, այսինքն՝ ամէնէն աղտոտ դաւաճանը, որ հարիւրներ փրկելու համար տասը կը զոհէ, ատոնք աւելի օգտակար են ժողովուրդներուն, քան ամէնէն եռանդուն, անբասիր համբաւով յեղափոխականը, որուն հետքերէն մահը կը քալէ ու կը քալէ ուրիշներու հաշուոյն։

-Բարոյականն ալ կը թրքանայ, ուրեմն, փաշա՛։

-Կրնաք հերքել, թէեւ սրամտութեան յարմար հարցի մը մէջ չենք հիմա։ Բայց բան չէք փոխեր ձեր ու միւսներուն կացութենէն։ Վասնզի անցած են այն ժամանակները, երբ աղ ու հացով ծնրադրութիւն մը պարտուած ժողովուրդ մը երբեմն կը փրկէր բնաջնջումէ։ Մեզի համար պայծառ է մեր ուղեգիծը։ Ըսի արդէն, որ անձնապէս փափաքող մըն եմ ձեր ախտավարակ ներկայութեան ձեր ժողովուրդին ծոցը։ Ու չեմ ալ վախնար քաղաքական բարդութիւններէն, որոնք ձեր գերագոյն յոյսը կը կազմեն։ Դուք հաստատ ու վճռական քայլերով ձեր ցեղը կը մղէք դէպի կործանում։ Լաւ, շա՛տ լաւ նոյնիսկ։ Մենք շատոնց վերցուցինք ձեռնոցը ու արդիւնքը մէջտեղն է։ Այս մտածումներուն ցուրտ շնականութիւնը գոնէ սա րոպէին մատչելի դառնար ձեզի։ Բայց դուք, ազնուութեան ու բարութեան առաքեալ, մենատիրած էք բարոյականին, որ չի կրնար թրքանալ։ Ատիկա չենք ալ ուզեր։ Կը ձգենք ձեզի, ձեր սիրական ռուսերուն, որոնց պաշտպանութեամբը ջարդուեցաք։ Կը ձգենք եւրոպացիներուն, որոնց շահին չծառայելը դաւաճանութիւն է, պարոն յեղափոխական։ Ձեր գիրքերէն մէկը տեղ մը կ’ըսէ, որքան կը յիշեմ, թէ կործանուելիք տունի մը նախ խելքը կը խախտի։ Ու ճիշդ է ասիկա։ Մեր բոլոր անկեղծութիւնը բաւ պիտի չգար։ Անգլիոյ սուտ մէկ սանդին մէջ ջուր ծեծելն է, որ կ’ընեմ։ Ասկէ յետոյ, ձեր գլուխը կրել կրնալու իրաւունքը ձեզ պիտի տանք միայն մէկ գնով, մեզի հաւատարմօրէն ծառայելու գնով։ Հարիւր տարի առաջ ձեր պատրիարքները մշակած են այդ քաղաքականութիւնը, որուն արդիւնքը այնքան բարեբաստ եղաւ ձեզի համար։ Մուրացկան ու անկշիռ զանգուածէն մէջտեղ ելաւ Պոլսոյ ազդեցիկ ու վաճառական ու պաշտօնեայ հայութիւնը։ Սո՞ւտ։

-Հարիւր տարի առաջ, մեզ բերած ըլլայիք՝ առաջարկը մեր եկեղեցին ձգելու ու մզկիթ մտնելու։

-Իմ ըսածս կը հաստատէք, քանի որ չըրինք։

-Հիմա՞։

-Հիմա՜։ Խորքով նոյնն է հարցը։ Ձեզ մզկիթ չենք կանչեր։ Բայց կը ստիպենք կենալ փարախը հաւատարմութեան։

-Մատնելով։

-Օգնելով մեզի, որպէսզի աւելի արդար, աւելի օգտակար գաղափարներ արմատ առնեն ձեզմէ ներս։ Ի՜նչ տարօրինակ տրամաբանութիւն է ձերինը։ Մենք ալ կ’ուզենք գրաւել Ռուսաստանը, Պարսկաստանը, Միջին Ասիան ու ստեղծել մեր նախնիքներէն երազուած Ասիոյ միահեծան տիրապետութիւնը։ Ու կ’ուզենք ջերմութեամբ։ Բայց գիտենք, թէ անցան այդ օրերը։ Փոխադրեցէք մեր այս ռոմանթիզմը ձեր մէջ։ Կռիւը, որուն էութիւնը ձեզի համար աղմուկ ու շփոթութիւն առաջ բերելն է միայն, ձեզի կործանում կը բերէ։ Ասիկա յստակ է չափազանց։

-Բայց մեր զոհողութիւննե՜րը։ Մեր հոյակապ սերունդը, որուն հանդէպ այդքան արհամարհոտ լեզու մը չէիք գործածեր։

-Սասունի լեռներուն մէ՞ջ։

-Դուք կ’ըսէք։

-Ուր երթալու պէտքը չէինք զգար երբեք, քանի որ երկու զապթիէ եւ չորս քուրդ կը բաւեն ձեր հոյակապ սերունդին հոյակապ նահանջները կատուի եւ մուկի խաղի մը նման դիմացէն ղեկավարելու։ Կ’աղաչեմ, որ չխաղաք բառերու վրայ։ Մի խօսիք օրակարգ անցած յիմարութիւններ իմ առջեւ։ Ձեր կորուստները բոլորովին տարբեր բան կը նշանակեն, վատութիւն, անխելքութիւն, բայց երբեք զոհողութիւն։ Ջարդուողները իրենց տուներուն մէջ գառնուկի պէս մեռան։ Հիմա չեմ դատեր ձեր յեղափոխութիւնը իբր պայքարի կազմակերպութիւն, բայց բան մը յստակ է արդէն։ Ձեր ժողովուրդին արիւնովը պայմանաւոր է այդ յիմար կռիւը, որուն ելքը տարակոյսէ դուրս է մեզի համար։ Կործանումի ամէնէն ծանր րոպէին իսկ մենք պիտի չմոռնանք մաքրել ձեր հաշիւը։ Ասիկա ազգային ուխտ է ա՛լ մեզի։ Կռիւը ձեր ժողովուրդը կ’արժէ ձեզի, մեզի՝ քանի մը ածական։

-Ուրիշներուն ուրիշ բան արժեց։

-Սխալ էք կարդացած։ Ուրիշները, շահելու յոյսով չէ, որ կռուեցան։ Չկռուեցան արդէն, ինչպէս կը հասկնան բանակները այդ բառը։ Անոնք աւարին մաս առնելու կանչուեցան։ Բայց ձեզի համար տարբեր պայմաններ կ’իշխեն։ Դուք պարտաւոր էք կ ռուիլ։ Ու կռուիլ՝ առանձին, չորս ճակատի վրայ։ Թուրքը այդ ճակատներուն հեռագոյնը նկատեցէք։ Վախցէք աւելի մօտերէն։ Վախցէք ռուսէն, որ ձեր հոգիին դէմ իր ոտնձգութիւնները պիտի ամրացնէ մարմինին ալ վրայ իր նոր դաւերովը։ Մի մոռնաք քուրդը, որ ձեզ կ’ատէ, մենէ աւելի, հիմա, քանի որ զէնք կը քաշէք իրեն դէմ։ Բայց վախցէք մա՛նաւանդ հայէն։

-Հայէ՞ն։

-Անշո՛ւշտ։ Ու պարտաւոր էք աւելի լուրջ վարուիլ ձեր այդ թշնամիին հետը, որ արթնցած է ա՛լ։

-Ու կը ծառայէ ձե՞ր շարքերուն։

-Սպասելով, որ ձեզմով ներարկուած թոյնը թափի դուրս իր երակներէն։

-Մեր ժողովուրդը յաղթեր է շատ մը բաներու։

-Թերեւս չորս ազգերու։

-Յաղթեր է մահուան։

-Ատիկա հռետորական բացատրութիւն մըն է եւ ուրիշ ոչինչ։ Ձեր ժողովուրդը խելքն է ունեցեր յաղթել չուզելու։ Ու հոդ է իր ինքնատպութիւնը։ Չզառածինք սակայն աւելորդ ընդհանրացումներու։ Կը վերադառնամ հարցումիս, որ պարզ է, կ ’ուզէ՞ք ծառայել մեր շարքերուն։ Եթէ կարելի է, տուէք այս հրաւէրին բացառիկ շնորհի իր գոյնը, զոր ան ունի ինծի համար, իրականութեան մէջ։ Դժուար է մահէն առնել մարդերը, որոնք տարիներով անոր զինուորը եղան։ Բայց բարբարոսներուն սրտին մէջ կայ այս կաթիլը։ Ա նկէ անդին ձեր գիտնալիքը։ Վասնզի մէկ աւելի կամ պակաս, գումարին մէջ կշիռ չ’ունենար։ Անշուշտ ձեր տեղը բաց չեն ձգեր ձեր հերոսները։ Բայց հազարներն ալ դեր չունին գումարի մը մէջ, որ յանգելու է զերոյի։ Ինծի կը մնայ կրկնել իմ հրաւէրը։

-Խնայեցէք, փաշա՛, տաճկական ստորնութիւններ ձեր բերանին։

-Կը մերժէ՞ք։ Ատ ալ ձեր գիտնալիքը։ Այն ատեն ձեզի կը մնայ պատրաստուիլ երկրորդ ճամբուն։

- Այսի՞նքն։

-Մահուան։

Հազարապետ Մեհմէտ Սիւրէյեա փաշան արտասանեց բառը իրեն յատուկ օծութեամբ, առանց քրտինքի։

Խօսակցութիւնը կանգ առաւ սակայն։ Վասնզի Մաթիկ Մելիքխանեանցը անսովոր խաղաղութեան մը ալիքով ինքզինքը առն ո ւած, վերցուած էր զգացած։ Բոլոր ծեծերուն ու վայրագութեանց մէջ անիկա չէր ունեցած սա շատ յստակ խելամտումը։ Անոր աչքերէն անցան շատ­շատ բաներ, մօտ ու հեռու նոյն փլանին վրայ։ Ուզեց խօսիլ, բայց այլ ալիքէ մը քշուելու զգայութիւնը արգիլեց։ Կը վախնար, թէ իր բառերը պիտի փրթէին իրենց յօդերէն։

-Կը մտածէ՞ք։

-Ո՛չ։ Բառ մը սակայն։ Ե՞րբ՝ մեր դատավարութիւնը։

-Նորին պէտք չունինք։ Ահագին թուղթ է մրոտուած։

-Բոլորն ալ ստայօդ։

-Դատաստանը պէտք չունի ստոյգին։

-Կատակերգութի՞ւն մը՝ այս ամէնը։

-Դուք ուզեցիք, որ ըլլայ։

-Բայց ես դատ կը պահանջեմ։

-Կրնաք, երկրորդ անգամ աշխարհ գալուն, պաշտպանել ձեր իրաւունքը։ Առայժմ զրկուած էք այդ իրաւունքէն։

-Մարդկային տարրական իրաւունքներէն, անշուշտ։

-Ամէն երկիր իր շահերը պաշտպանելու մտահոգութեան մէջ ետին կը նետէ գործելու կերպեր, որոնք կարճ կը կապեն արդարութեան ընթացիկ արարմունքները։ Յանցանքի վրայ բռնուած մատնիչ մը մէկ օրուան մէջ կը գնդակահարուի։

-Մենք լրտեսներ չենք։

-Աւելի տխուր, անպաշտպան բան մը։ Մեր իսկ պետութեան դաւաճանները։ Զորս պատժելու համար ոչ ոքէ անհանգիստ կը զգանք մեզ։ Ամէնէն քիչ՝ մեր խիղճէն։ Ու յետոյ, ժամանակը կարճ է։ Մինչեւ արեւին մուտքը ժամանակ կու տամ ձեզի մտածելու։ Անկէ անդին՝ մեղքը ձեր վիզին։ Հիմա արդէն կը ձգուիք դուրս այս խօսակցութենէն։ Ձեզ պիտի պտըտցնեն մինչեւ որ մինարէին բարձունքէն էզանը լսուի։ Ձեզի քաջութիւն, մա՛նաւանդ խելք կը մաղթեմ։

Ու ելաւ ոտքի։

Պատին երեսին ` ժամացոյցը դադրեր էր պոռալէն։ Մաթիկ Մելիքխանեանցը չէր լսեր անոր մետաղեայ, անտարբեր ճիչը, այնքան իր ներսէն յորդ ու բուռն բան մը աղմուկով կը բարձրանար։ Ուզեց նայիլ ընկերներուն։ Ծոծրակին ծխնիէն վախ մը արգիլեց այդ շարժումն ալ։

1 Իտատի երկրորդական կրթութիւն ըրած ։

2 Պալեա վէզիրութեան աստիճան։

3 Թանզիմաթ (օրէնքներ)։ Այսպէս կ’որակուի թուրքերու առաջին վերանորոգչական փորձը, որ կատարուած է 1860ի շուրջը։