***
Էտինքի
էզանը
աւարտած
էր
քաղաքին
Մեծ
մզկիթէն,
ուր
պաշտամունքի
էր
շէյխ
Սապիթը։
Արտակարգ
յանձնաժողովը
յայտնի
սրտնեղութեամբ
ընդունեց
պատուիրակ
փաշան։
Ա
ն
որ
կէս
ջղայնոտ,
յուսակորոյս
դէմքը
աւելորդ
կ’ընէր
բացատրութեան
պահանջ
մը
ժողովականներէն։
Հազարապետը
ինք
ընդառաջեց
այս
նեղսիրտ
տրամադրութեանը։
Անօգուտ
իր
առաքելութենէն
յետոյ
անտեղի
կը
նկատէր
ան
որեւէ
հարցաքննութիւն։
Անոր
կարծիքով,
հայերը
երբ
ինքնամատոյց,
անշահախնդիր
մատնիչներ
չէին
(շատ
շատեր
այդ
ժողովուրդէն
փոքր,
չնչին
վէճերու
գոհացումը
պատրուակ
կ’առնէին,
անհաճոյ
իրենց
ազգակիցները
մատնելու,
վարձատրութեան
խայծէն
ալ
անկախ),
բռնի
չեն
վերածուիր
այդ
կաղապարին։
Այդ
դասակարգը,
զոհողութեան
զգացումէն
աւելի,
կը
հպատակէր
ուրիշ
մղումներու,
մութ
ու
խորհրդաւոր,
նման
այն
ուժերուն,
որոնք
անոնց
ճակատագիրը
ըրեր
էին
այնքան
եղերական,
բայց
պահպաներ
ցեղը։
Անոնք
կը
մեռնէին,
անցեալին
մէջ՝
երկնաւոր
հաշիւներով,
հիմա՝
չմատնելու
հաճոյքին,
յամառութեան
քովէն,
գոհացում
տալու
համար
իրենց
վրիպած
մեծութեան,
որուն
կը
հաւատային
ուրիշներէն
աւելի։
Այդ
յամառութիւնը
թուրքը
նախատելու
անոնց
ազգային
եղանակն
էր,
ինչպէս
կը
վկայէր
իրենց
պատմութիւնը,
երբ
մահուան
կը
վազէին,
գունդագունդ,
համոզուած
ապառնի
այն
տեսարաններուն,
որոնց
մէջ
իրենք
պիտի
ունենային
իրենց
վիճակով
սա
իրենց
դահիճները։
Մտապատկերելու
այս
կերպը
նորերուն
մէջ
կը
փոխուէր
վայրագ
հպարտութեան
մը,
որ
սնունդ
կ’առնէր
թուրքերուն
պարտութիւններէն
ու
բարբարոս
հեքիաթէն։
Պոլսական
խռովութեանց
պահուն,
ընդարձակ
ձերբակալութեանց
մէջ,
հարիւրապետ
Մեհմէտ
պէյը
ունեցեր
էր
այդ
փորձառութիւնները։
Հարազատ
յեղափոխութիւնը
տանջանքով
աւելի
կ’ամրանար,
կը
փայլէր։
Ու
իր
կարծիքով
երկու
կալանաւորները
կը
պատկանէին
այդ
դասակարգին։
Անիկա
ըրաւ
մերձեցումներ,
պոլսական
իր
տպաւորութիւններէն,
որոնք
ինքնաբերաբար
կրկնուած
էին
իր
մէջ
իր
հարցաքննութեան
ատեն։
Նոյնն
էին
այդ
մարդիկը
ամէն
տեղ։
Ու
տարօրէն
նման
իրարու,
մահուան
իրենց
ծարաւին
մէջ։
Հնչակ,
Դաշնակ
տիտղոսը
ոչինչ
կը
փոխէր,
երբ
մահուան
գիծին
իջնային
անոնք։
Անշուշտ,
Արտակարգ
յանձնաժողովը
մեծ
իր
պարտականութիւնը
պսակած
պիտի
ըլլար
`
սա
մարդիկը
կանչելով
լիակատար
խոստովանութիւններու։
Բայց
ապառաժէն
բերք
սպասելուն
պիտի
նմանէր
նման
զիջում
մը,
պատուիրակ
փաշային
ձեռնարկէն
յետոյ։
Մեհմէտ
Սիւրէյեա
փաշան
նկատեց,
որ
կարճահասակ
յեղափոխականին
արտայայտութիւնը
կը
նոյնանար
իր
անդրագոյն
զգայութիւններուն,
երբ
տարիներ,
կանուխ
կը
տեսնէր
այդ
մարդերը,
վճիռէն
առաջ,
մահուան
հանդէպ
անսովոր
հանդարտութեամբ
մը։
Մահը,
այդ
ժողովուրդին
համար,
տեսակ
մը
քաղցր
ընտանութիւն
կը
ստանար,
երբ
կու
գար
թուրքին
ճամբայով։
Վերջին
ըմբոստութեանց
նուիրուած
իր
հետազօտութեանց
մէջ
հոգեբան
փաշան
խօսեցուցած
էր
զսպումին
մեծ
գործաւորները,
ու
անոնց
տպաւորութիւնները
կը
հաստատէին
իրենները,
Պոլսէն,
ուր
իբր
հարիւրապետ
վարած
էր
զսպումը,
գլխաւոր
օճախներու
վրայ
փայլուն
յարձակողականով,
յետոյ
բանտերէն
ներս՝
առանձին
տանջանքներով։
…
Ուրե՞մն։
Արծաթ
ափսէներու
եւ
ոսկի
բաժակընկալներու
վրայ,
որոնց
բանուածքը
բանտերու
անհուն
համբերութիւնը
միայն
կը
բացատրէ,
երբ
ոսկի
թերթի
մը
վրայ՝
վեց
ամիս
կը
բանի
գրոցը,
բերուեցաւ
հոտաւէտ
սուրճ։
…
Ուրե՞մն։
Միշտ
հազարապետ
փաշային
կարծիքով՝
ամէն
հաւանականութիւն
փակուած
կը
նկատուէր
քոմիթաճիներուն
չտուածը
բռնի
առնելու
իրենցմէ։
Բայց
կար
փոքր
յոյս
մը,
ան
ալ
երրորդին
մատաղութիւնը,
խակութիւնը։
Պէտք
էր
ծանրանալ
այդ
գեղացիին
վրայ,
որ
միւսներուն
նման
կրթութենէ
ու
«մարզանքէ»
անցած
չըլլալուն՝
դեռ
թոյ
կը
սեպուէր,
ասպարէզին,
արհեստին
համար
թերհաս։
Գեղացիի
այդ
խակ
հանգամանքին
այդ
տղան
կը
միացնէր
նաեւ
տարիքէն
ալ
փոքրութիւն
մը,
էապէս
կարեւոր,
երբ
հաշուի
առնուէին
փոքրերու
յաճախադէպ
տկարացումները,
սպառնալիքի,
տանջանքի
կամ
խոստումներու
դիմաց։
Իր
յոյսը,
ահաբեկումով
առնելու
անկէ
միւսներուն
պահածը։
Անոր
ոճիրը
մինակը
կը
բաւէր
այդ
սարսափին։
Ու
իրականին
մէջ
կարող
էր
զինքը
կախաղան
առաջնորդել,
ճարտար
խաղերով
քայքայել
անոր
արդէն
չկազմուած
կամքը։
Արդէն
կասկած
ունէր
այդ
տղուն
յեղափոխական
շնորհէն։
Կիներու
գիծը
քիչ
անգամ
կը
խառնուէր
ազգային
մոլեռանդութեան
անխառն
պատկերին,
որով
կը
ներկայանային
այդ
եփուած,
տաղուած
մատաղցուները
տանջանքին
կամ
կախաղանին։
Այդ
քայքայումը
գործադրելէ
ետքը
այդ
տղուն
հոգիին
վրայ,
ընդառաջել
անոր
սարսափը
առատ
խոստումներով։
Ամէն
բանտարկեալ
տկար
է
խոստումին
հանդէպ։
Կրկնուեցան
շէրպէթները,
ուրիշ
ոճէ՝
բայց
համանիւթ
ափսէներով
եւ
բաժակներով։
…
Ուրե՞մն։
Միշտ
հազարապետ
փաշային
կարծիքով՝
ժուռնալները
հազարէն
մէկ
իրաւ
չէին
ըսեր։
Քաղաքական
ոճիրներու
հայկական
բաժինը
խճողուած
էր
ամէնէն
անհեթեթ
յերիւրանքներով։
Իր
համոզումն
էր՝
երբեք
չանտեսել
ներկայացուած
ամբաստանութիւնը,
բայց
անոր
դրդապատճառները
ենթարկել
խորունկ
ուսումնասիրութեան,
շրջահայեաց
լայնքով
ձեռք
առնել
բոլոր
անհրաժեշտ
զգուշութիւնները
–
ձերբակալութիւն,
խուզարկութիւն,
տանջանք,
ընդարձակում՝
թիւէ
եւ
դիրքէ
յանցաւորները
ձգելու
համար
արդարութեան
ուռկանին–,
բայց
ըլլալ
վերապահ
տեղեկաբերին
ենթադրութեանց
դէմ,
որոնք
յաճախ
կամայական,
անճիշդ,
առնուազն
չափազանցուած
կը
մատուցուէին
«յոտս
վեհափառ
կայսեր»։
Այնպէս
որ,
զիրենք
զբաղեցնող
սա
հարցին
մէջ
–
որուն
կորիզը
կը
կազմէր
Պոլսոյ
վրայ
յարձակում
մը,
գեղացիներով
եւ
Կովկասէն
յատկապէս
ուղարկուած
փորձ
զօրավարներով
–
իրենք
պարտաւոր
էին
չենթարկուիլ
գաւառակի
ստուգիչ
մարմինին
գաղափարներուն,
քանի
որ
ուղղակի
տեղե
կատու
քահանան
նման
եզրակացութիւն
մը
չէր
իսկ
կասկածեր։
իրենց
եռանդովը,
շատ
անդին,
քան
ամէնէն
հեռաւոր
հաւանականութիւնը,
իրենց
ձրի
կասկածներովը,
վերագրումներովը
ծանրաբեռնելով
արդէն
չափազանց
պղտոր
մթնոլորտը։
Ժողովը,
հակառակ
նախապէս
տարբեր
մտածելուն,
համամիտ
եղաւ
հազարապետ
փաշային,
գտնելու
համար,
ներկայ
հարցին
մէջ,
մեծ,
շատ
մեծ
բաժին
մը
աւելորդ
երեւակայութեան։
Այս
զիջումէն,
անիկա
շուտով
իջաւ
երկրորդին,
որուն
կը
ձգտէին
ճարտար
հաշիւները
պոլսառաք
պատուիրակին,
–
ամբաստանութեան
կորիզին
իսկ
անհեթեթութեան
ու
բացարձակ
սուտին։
Երկրորդական
բոլոր
աղբիւրները
լուռ
էին
Պոլսոյ
վրայ
յարձակման
մը
ծրագրէն։
Անիկա
կը
հիմնուէր
ոչթուրքերու,
բայց
բոլորանուէր
մարդոց
վկայութիւններուն,
որոնք
իրենց
գեղերուն
մէջ,
շէնքերուն,
անոնց
պետերուն
անունները
տրամադրած
էին
կառավարութեան,
բայց
կ’անգիտանային
պոլսական
մասը
շարժումին։
Անգէտ
էին
պոմպայէ,
տինամիթի
սնտուկներէ
ու,
մա՛նաւանդ՝
թեթեւ
տորմիղէն,
որ
Եալովայի
լեռներուն
ծովահայեաց
մէկ
զառիթափին,
խորունկ
ձորի
մ
ը
մէջ,
պահ
էր
դրուած։
Հակառակ
մանրակրկիտ
խուզարկութեան,
ոստիկանութիւնը
հետք
չէր
գտած
այդ
թեթեւազէն
նաւատորմէն,
որուն
վրայ
մութ
գոյն
առագաստ
պարզած,
հովին
նպաստաւոր
մէկ
գիշերով,
սակառներու
տակ
պոմպաները՝
վրան
ալ
խաղող,
պիտի
կտրէին
Եալովայի
ծովը,
օդը
հանելու
համար
Եըլտըզի
պալատը,
սա
մարդիկը,
թերեւ
ս
ծովուն
երեսն
ալ
դեռ
չտեսա՜ծ՝
իրենց
կեանքին
մէջ։
Աջ
ու
ձախ
այս
նկատողութիւններու
կողքին,
ժողովը
անգամ
մըն
ալ
վերադարձաւ
քոմիթաճիներուն
հետեւած
ուղեգիծին,
«սփռած
միքրոպներուն»,
ու
կազմուած
հաւանական
օճախներուն։
Ե
ղան
հանճարեղ
մէկերկու
թելադրութիւններ,
կեդրոն
ունենալով
ծեծը,
ցիցը,
մաղմաղ
կրակը,
աքցանը,
թրքական
պատմութեան
մէջ
սուլթաններու
կողմէ
փորձուած
մեծ
տանջանքները,
բայց
դադրեցան
շահեկան
եւ
կարելի
նկատուելէ,
երբ
բռնուեցան
դատողութեան
լոյսին,
որ
կը
ներկայանար
հազարապետին
գանկովը։
Միւս
կողմէ՝
խօսակցութիւնը
թոյլ
կ’իյնար
այդ
հարցին
շուրջը։
Չէին
գիտեր,
թէ
այդ
պահուն
իրենցմէ
վեր
բնազդները
կը
վարէին
զիրենք։
Այդ
մարդոց
մտքին
մէջ
կալանաւորներուն
ճակատագիրը
վճռուած
էր։
Այս
ապահովութիւնը,
ելքի
այս
նոյնութիւնը
կ’ազդէր
անոնց
իմացական
ճիգին,
որ
հարկադրաբար
թոյլ
կ’իյնար,
անպէտ
ըլլալուն։
Հոգեվարքի
մը
առջեւ
բժիշկը
ծիծաղելի
է
նախ
ինք
իրեն։
Վայրկեան
մը
ժողովը
զբաղեցաւ
թեթեւ
տորմիղին
առասպելովն
ալ։
Նիկիոյ
լիճին
վրայ
դաշտ
անգամ
վարելու
անկարող
գեղացիներէն
անիմաստ
էր
յանդուգն
ու
փորձ
նաւաստիներ
ստեղծել
`
յարգելու
համար
քմայքը
աս
ու
ան
շատախօսին։
Յետոյ
գոյացաւ
միաձայնութիւն
Սողոմին
վրայ
կատարուելիք
ճնշումին
մասին։
Փորձը
ցնցող
դերակատարութիւն
մը
պիտի
ըլլար
`
անփորձ
տղուն
վրայ
ազդելու
կարող։
Ու
ատիկա
լրիւ
տեսարանուած
ու
իրական
մահ
մը,
որ
կատարուելու
էր
այդ
գիշեր
իսկ,
որպէսզի
թարմ
այդ
տպաւորութեան
տակ
բացուէին
կզակները։
Զոհուելիքը
կարճահասակն
էր
առաջին
հերթին։
Վրիպումի
պարագային,
մաքրել
երկայնահասակն
ալ,
նոյն
տպաւորիչ
պայմաններուն
տակ։
Անշուշտ,
այս
արարողութիւնը
խորհրդապահ
մտերմութեամբ
մը,
բանտին
մռայլ
խորշերէն
մէկուն
մէջ
–
ամէն
ոստիկան,
առանց
գիտնալու,
գիտէ
բաներու
այդ
վիրապները,
կայսրութեան
բոլոր
կեդրոն
քաղաքներուն
մէջ
–
անաղմուկ,
դուրսին
համար։
Նոյն
ատեն
վարչական
գաղտնի՛ք,
առանց
դատական
վճիռի,
որ
կրնար
արձագանգել
մինչեւ
Փարիզ
ու
Ժնեւ։
Հայերը
հիւպատոսներու
կողմէ
փնտռուած
յիմարներ
էին
ու
քաղաքը
շատ
ունէր
անոնցմէ։
Քոմանտան
փաշան
իրեն
պահեց
Սողոմը
ժողովին
հանելու
իր
որոշումը,
որուն
արդիւնքն
էր
արդէն
տղուն
առանձնացումը։
Անձնապէս
եւ
ընտանեպէս
իր
հետաքրքրութիւնը
տեղի
տուաւ
վարչական
ու
դիւանագիտական
սա
ցուցմունքներուն
առջեւ։
«Փորձէն»
վերջ
այդ
մասին
կարելի
էր
մտածել։
Կ
էս
ժամէն
աւելի
երկարող
այս
խօսակցութիւնը
տարօրէն
հաճ
ըրաւ
զանոնք։
Դատողի
հոգեբանութիւն
մը
կայ,
զոր
ժողովուրդը
պատկերած
է
նշանակալից
առակին
մէջը
մորթողին
ու
այծին,
ուր
առաջինը
հոգն
ունի
այծուկին
ճարպին,
ու
երկրորդը՝
իր
հոգիին։
Աւելցուցէք
այս
ծանօթ
տրամադրութեան
հայու
եւ
թուրքի
ողբերգականը։
Կը
խօսէին
ու
կը
սպասէին
շէյխ
Սապիթին,
որ
կ’ուշանար։
Մինչեւ
անոր
ժամանումը,
ժողովականները
քշուեցան
աս
ու
ան
նկատումներէ,
հեռուէն
կապով
մը՝
ժողովի
խորհուրդին։
Խօսքը
տաք
էր,
հազարապետ
փաշային
բերնէն,
քաղքին
դիրքին,
բնական
գեղեցկութեանց
մասին։
Արդէն
իրենց
նուիրական
հայրենիքին
ո՛ր
մասը
շնորհազուրկ
էր
ստեղծուած։
Պատուիրակ
փաշան
Արեւելեան
Նահանգներու
բնանկարները
մօտեցուց
Ողիմպոսի
տեսարաններուն։
Բայց
Ջերմուկները
գոհարն
էին
այս
փառաւոր
քաղաքին։
Քոմանտան
փաշային
կալուա՜ծը։
Տարիներով
յարգի
հիւրերուն
առջեւ
իր
քաղաքին
գովեստը
ըրած՝
անիկա
ստացեր
էր
լիութիւն
ու
նկարագեղ
արտայայտութիւն,
երբ
կը
պատմէր
«Կանանչ»
քաղաքին
գանձերէն։
Մզկիթներ
ու
դամբարաններ,
հոյակառոյց
բաղնիքներ
ու
չքնաղ
աղբիւրներ,
բոլորն
ալ
գործը
իրենց
փառաւոր
նախնիքներուն։
Նոր
ժողովուրդ՝
թուրքը
կ’ատէ
հնութիւնը։
Քոմանտան
փաշան
հազիւ
յիշատակեց
քանի
մը
կռապաշտ
աւերակներ,
բոլորն
ալ
ճինիվիզներէն
մնացած
(չէր
անդրադառնար,
որ
պատմութիւ
ն
ը
կ’այլափոխէր՝
բիւթանականն
ու
ճենովականը
քով
քովի
բերելով
ժամանակի
սանդուխին)
արժանի
չէին
լուրջ
ուշադրութեան։
Փոխարէն,
անիկա
իբր
գիրքէ
մը,
կարդաց
տարազները
Ջերմուկներու
զանազան
ջուրերուն,
իրենց
ծծումբէն,
երկաթէն
եւ
ուրիշ
հազուադէպ
մետաղներուն
համեմատական
կշիռովը։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
գիտուն
է
մարդ
մը։
Ու
եզրակացութի՛ւն,
–
անսասան
իր
հաւատքը
այն
օրուան
մասին,
երբ
այս
ջուրերը,
օժտուելով
եւրոպական
հանքային
աղբիւրներո
ւ
շուրջ
հաստատուած
առողջապահիկ
բոլոր
պայմաններով,
իրենց
պիտի
քաշէին
աշխարհի
բոլոր
մեծահարուստ
հիւանդները
ու
անոնց
ոսկին։
Կը
խօսէր,
ու
հաստ
իր
ափը
անիկա
փակցուց
կէս
կանգուննոց
իր
երեսին։
Ապտակի
մը
պէս
շառաչուն
այդ
շարժումով
անիկա
մժեղ
մը
սպաններ
էր։
Մժեղին
նահատակութիւնը
խօսակցութիւնը
փոխադրեց
քաղաքի
ոտքին
քմահաճ
գետակներուն,
որոնք
փորձանքն
էին
այդ
սքանչելի
արտերուն
`
չունենալով
կանոնաւոր
գնացք,
յորդելով,
աւազելով,
ճահիճներ
կազմելով
ու
գեղեցիկ
օդը
ապականելով։
Մինչեւ
անոնց
ուղղումը,
ու
եւրոպական
հիւրանոցներուն
կառուցումը,
պէտք
էր
քաջալերել
թուրքերու
անհատական
ձեռնարկները,
վարչապէս
ու
տնտեսապէս,
գոնէ
Ջերմուկներու
արուարձանէն
վտարելու
համար
բոլոր
ոչիսլամները,
որոնցմէ
մէկուն
կը
պատկանէր
նորակառոյց
մեծ
բաղնիքը,
եւրոպական
ոճով։
Կաթոլիկ
այդ
հայը,
որ
քաղաքին
մէջ
տասնի
մօտ
մանարաններ
կ’աշխատցնէր,
ֆրանսական
հիւպատոսին
պաշտպանութեամբը
գլուխ
էր
հանած
այդ
նոր
բաղնիքին
կառուցումը,
հակառակ
իսլամ
երեւելիներու
պաշտօնական
բողոքին։
Քոմանտան
փաշան
այս
շատ
անձնակա
ն
դիտողութիւնները
առաջնորդեց,
ճարտար
խաղով
մը,
դէպի
պետական
քաղաքականութիւն,
որ
ոչիսլամները
դարերով
պահած
էր
լուծի
տակ։
Փորին
ցա՞ւը։
Անշո
՛
ւշտ։–
Իր
հողերուն
սահմանակից
ընդարձակ
արտի
մը
գրաւման
փորձին
մէջ
իր
ձախողանքը։
Վասնզի,
կաթոլիկ
այս
հայը
շահագրգռած
էր
հիւպատոսը
ու
արգիլած
բռնագրաւումը։
Ամէն
թուրք
կը
հաւատայ
իր
հայրենասիրութեան,
երբ
կը
ցաւի
օտար
նկատուած
միջամտութեանց
վրայ։
Այդ
օրերուն
ամէնէն
հրէշ
բառը
քափիթիւլասիոն
ն
էր։
Այս
ճամբով
խօսակցութիւնը
երկարեցաւ
դէպի
«տարրերը»,
որ,
միշտ
այդ
օրերուն,
կը
փոխաբերէր
ոչթուրք
ցեղերը։
Հազարապետ
փաշան
խորունկ
ցաւով
դիտել
տուաւ,
որ
իսլամ
թաղերը
դեռ
կը
պահէին
միջնադարեան
նկարագիրը,
իրենց
նեղ
ու
խորտուբորտ
փողոցներով
եւ
ծուռումուռ
տուներով։
Մեծագոյն
մզկիթը
խղդուած
էր
չերչիներու
եւ
սոխին
ու
սխտորին
կրպակներովը,
որոնք
զայն
շրջապատող
հրապարակը
կ’ընէին
քաղաքին
ամէնէն
նեխած
տեղերէն
մէկը։
Պէյերու
եւ
փաշաներու
ընդարձակ
ապարանքներն
ալ
հնադրոշմ
կնիք
մը
կը
կրէին,
բաղնիքի,
մզկիթի
յատուկ
ցած
այն
ոճերով,
որոնք
արաբներունը
եղան
փոքր
քաղաքներու
մէջ։
Իր
ցաւին
անիկա
խառնեց
հասկնալի
ու
պերճախօս
նախանձն
ալ,
որով
ամէն
թուրքի
սիրտ
պարտաւոր
է
փափաքիլ,
երբ
խօսակցութիւնը
շօշափեց
հայաբնակ
թաղերը,
եւրոպական
փողոցներու
յատակագիծով,
մաքուր,
ճաշակաւոր
ու
արեւմտեան
վայելչութեամբ։
Մեծ
էր
անոր
զարմանքը՝
որքան
ցաւը,
որ
մերձաւոր
խառնաշփոթութիւնները
անցած
էին
քաղաքէն
`
առանց
բան
մը
փոխելու։
Տնտեսական
փայլուն
վիճակը
հայերուն,
որուն
արժէքը
իր
ճիշդ
չափին
վերածեր
էր
անիկա
շատոնց,
արտաքին
այդ
շպարէն
չխաբուելով,
բայց
չվարանելով
զայն
շահագործել
պատեհ
առիթի,
մեծ
ու
միակ
ճարտարարուեստի
մը
մէջ
(մետաքս
քաղելու
մանարանները)
անոնց
մենատիրումի,
մանածի,
հիւսուածեղէնի,
երկաթեղէնի
նման
հաստատ
գործերու
մէջ
անոնց
ամրօրէն
տեղաւորուիլը
փաստեր
էին,
որ
այս
«աստուածապարգեւ»
կուսակալութեան
մէջ
պալատին
հետապնդած
նպատակները
չէին
իրագործուած։
Հազարապետ
փաշան
կ’ափսոսար
այս
վրիպանքը,
երբ
պայմանները
այնքան
նպաստաւոր
էին
5-6
տարի
առաջ,
շուկան
կողոպտելու,
հրապարակը
ազատելով
անոնց
լուծէն
ու
քառորդ
դարու
համար
գոնէ
ապահովելով
բնիկ
տարրին
տնտեսական
բարգաւաճումը։
Անիկա
չընդունեց
այդ
օրերու
կուսակալին
«կաշառուած»
մը
ըլլալուն
աժան
առասպելը։
Ջերմ
վիճաբանութիւն
ստեղծեց
այդ
հարցը,
պետական
բարձր
քաղաքականութեան
մը
պողոտայով,
դեռ
այդ
օրերուն
ուրուային
իր
ձեւին
մէջ,
քանի
որ
սուլթաններու
աւանդական
վարչաձեւը
Սուլթան
Համիտի
անձին
մէջ
կը
գտնէր
իր
վերջին
արտայայտութիւնը։
Քոմանտան
փաշան
փաստեր
բերաւ,
Դ
էպքերու
տարին,
կուսակալին
բնակարանը
հանուած
չորս
կազի
թիթեղ
ոսկիէն,
զոր
ամէնքը
տեսեր
էին
իրեն
պէս։
Ու
ողջ՝
չաւուշները,
որոնք
այդ
թիթեղները
փոխադրեր
էին
մառան։
Պատահարը
պատմած
պահուն,
ինչպէս
այն
ատեն
ալ,
անիկա
չէր
անդրադառնար,
որ
այդ
թիթեղները
կրնային
քարիւղ
ըլլալ,
քանի
որ
չաւուշներուն
բազուկները
զանոնք
վերցուցած
էին,
սովորական
թիթեղներու
նման։
Հազարապետ
փաշան
մերժեց
Պոլսէն
ընդդիմութեան
մը
առասպելն
ալ,
քանի
որ
Օգոստոսի
տագնապին
(96)
հեռագիր
հրահանգը
որոշապէս
կը
գծէր
պարտքը
ամէն
բանիմաց,
հայրենասէր
կուսակալի։
Այդ
հեռագիրը
կը
հրամայէր
զսպել
։
Կուսակալ
ըլլալիք
մա՞րդը
չէր
հասկցած,
թէ
քաղաքին
թուրք
աւագանին
ուրիշ
կերպ
կ’ուզէր։
Եւ
սակայն
կայ
դիւանական
ոճ
մը,
որուն
թաքուն
իմաստին
ընտանի
են
թուրքերը,
ամսական
երկու
ոսկինոց
քեաթիպներէն
սկսեալ։
Ինչպէս
լաւ
հասկցած
էին
զայն
միւս
նահանգներու
կառավարիչները,
որոնք
շէնքշնորհք
զսպած
էին,
այսինքն՝
ջարդած։
Ի
բ
ր
թէ
այդ
նահանգներուն
մէջ
ապստամբներ
ունենային
գոյութիւն։
Իբր
թէ
նոյնիսկ
Արեւելեան
Նահանգներուն
մէջ
հայկական
լուրջ
խնդիր
մը
կենար։
Հանդարտ
ու
զղջահար
թոնով
մը
խօսակցութիւնը
ընդհատուեցաւ
դուռին
բացուելովը։
Շէյխ
Սապիթը։
Որուն
սովորութիւնն
էր
երեւալ
առանց
ինքզինքը
իմացնելու։
Անոր
մուտքը
ազատ
էր,
բացարձակ
ազատութեամբ
մը,
որեւէ
դիւանէ,
պալատէ,
կրօնական,
դաւադրական,
քաղաքական
նպատակներով
ամէն
համախմբումէ։
Ծանօթ
է
ռէժիմին
լայն
պաշտպանութիւնը,
բոլոր
կրօնական
կազմակերպութեանց
վրայ։
Այդ
բացառիկ
տրամադրութիւնը
կը
շահագործէին
խորունկ
ամբոխավարները,
որոնք
ջարդերու
ատեն
բարոյական
զսպանակները
տուին
մարդասպաններու
բազուկներուն։
Հրաշագործութիւն,
սրբութիւն,
ոգեհարցական
ճարտարանք,
մոլեռանդութիւն
եւ
ամենահաստ
տեսակէն
թրքութիւն,
այսինքն՝
անգթութիւն
ու
լրբութիւն
կը
միանային
իրարու
նոյն
թշուառութեան
վրայ,
որ
պարագաներու
բերումով
ինքզինքը
հռչակի
կը
հանէր
կապուած
հայեր
մորթելու
մէջ
իր
ցոյց
տուած
ճաշակէն
ու
սրտաքարութենէն։
Շէյխ
Սապիթը
իր
համբաւը
կը
պահէր
Դէպքերէն
ետքն
ալ,
ճկուն
հասկացողութեամբ
մը
տեւական
ընծայելով
ջարդերուն
հոգեբանութիւնը,
ամբոխին
մէջ
կենդանի
պահելով
հզօր
տեսարաններուն
արբշռութիւնը,
երբ
անցեալը
շինելու
իր
ստեղծագործ
եռանդին
հետ
իր
ունկնդիրները
կը
խռովէր
խորունկ
յուզումներով,
մեծ
մասը
արիւնէն
ու
սեռէն
առաջացած։
Ա
նոր
Պրուսա
բնակութիւնը
անարժան
չէր
իր
հռչակին,
քանի
իր
հեղինակութիւնը
կը
մնային
քանի
մը
հանրածանօթ
բռնութիւններ,
ամբողջ
քաղաքը
յուզող,
հիւպատոսներն
իսկ
գործի
հանող,
որոնք
իրենց
միջամտութեան
մէջ
մնացեր
էին
կորանքով։
Մէկը
այդ
բռնութիւններէն
բռնի
իսլամացումն
էր
քսանամենի
երիտասարդի
մը։
Ռուսական
հիւպատոսը
կրակ
էր
թափած
այս
բարբարոսութեան
առիթով,
բայց
լռած՝
Պոլսէն
ստացուած
հեռագրի
մը
վրայ։
Ատաղձագործ
այդ
տղան
անփորձ
էր
գտնուած,
անշուշտ
չգիտնալուն,
կտրուկ
մերժումով
մը
դիմաւորելու
շէյխին
հրաւէրը,
զոր
ըրեր
էր
հայ
տղուն,
չորս
թուրքի
ներկայութեան,
Սուրբ
կրօնին
դառնալու։
Երիտասարդը
աշխատաւոր
մըն
էր,
մզկիթի
մը
բակին
մէջ
աղբիւրի
մը
վանդակը
նորոգող։
Ու
մերժումի
այս
անփութութիւնը
բաւ
էր,
որպէսզի
ատաղձագործը
նկատուէր
հրաւէրը
ընդունած
–
լռութիւնը
հաւաստում
է
թրքական
օրէնքին
մէջ
–
ու
ատով,
իրողաբար,
իսլամացած։
Ըստ
այս
տրամաբանութեան,
անիկա
չէր
կրնար
վերադառնալ
իր
նախկին
դաւանութեան։
Այլապէս,
իբր
հաւատուրաց
կը
դատապարտուէր
գլխատման,
մարգարէին
շատ
յայտ
վճիռովը։
Քսաներորդ
դարու
սկիզբը,
հարիւր
հազարնոց
բնակչութեամբ
քաղաքի
մը
մէջ,
ուր
տասը
պետութիւններ
հիւպատոսներ
կը
պահէին,
ու
երեքչորս
եւրոպական
վարժարաններ
մեծազօր
դրօշներու
պաշտպանութեամբ
Քրիստոսի
կրօնքը
կը
սորվեցնէին
հեթանո՜ս
հայերուն,
շէյխ
Սապիթը,
միսմինակ,
կուսակալին
ու
քոմանտան
ու
նման
փաշաներուն
կամքին
հակառակ,
հետապնդեց
տղուն
իսլամացումը,
ոսկեհուռ
ծածկոյթի
մը
ոսկեփառ
Գուրան
ով
կարկամեցնելով
օտարները,
ինչպէս
կակուղ
իսլամները
ու,
գլուխն
անցած
հինգ
հազար
մոլլասոֆթայի՝
քաղաքին
Մեծ
մզկիթէն,
թափօրով
մտաւ
կառավարական
շէնքը,
ու
հոյակապ
հեռագիրով
մը
խալիֆայէն
աղերսեց
իսլամին
արդարութիւնը։
Այս
ցոյցը
տպաւորեց
օտարները։
Ու
հայոց
առաջնորդին
իսկ
միջնորդութիւնը
պէտք
եղաւ
տղան
համոզելու,
որպէսզի
ազգին
սիրոյն
զոհուի
կրօնքէն։
Կառավարական
շէնքէն
թափօրին
թաւալը
դէպի
պատմական
մզկիթները,
հայոց
թաղերուն
մէջէն,
կանանչ
դրօշակներու
թունաւոր
շողշողումին
տակ՝
նուիրագործեց
այդպէս
տխուր,
բայց
չփաստուած
հռչակը
մեծանուն
կրօնաւորին։
Անոր
երկրորդ
արարքը՝
քանդումն
էր
գեղեցիկ
սրճարանի
մը,
–
կառուցուած
ազգապատկան
հողի
մը
վրայ,
հարիւրէ
աւելի
տարիներ
առաջ։
Ընդարձակ
այդ
հողը
արժէքի
ելած
էր
հայկական
թաղերուն
ծաւալումովն
ու
ստեղծած
գիներու
բարձրացումով։
Թուրքերը
Կովկասէն
գաղթական
թաթարներ
զետեղեցին
այդ
կալուածին
մօտիկ,
հայկական
զանգուածը
լերան
կողմէ
ն
ալ
ճնշելու
համար։
Այդ
նորահաստատ
թաղերը
ունեցեր
էին
փոքրիկ
աղօթատեղի
մը,
դիտմամբ
շատ
մօտիկ
պարտէզի
սրճարանին։
Շէրիաթին
պահանջումով
մզկիթի
մօտ
խաղավայր,
սրճարան,
գինետուն
թոյլատրելի
չէին։
Օրցերեկով,
հազարաւոր
թաթարներու
գլուխն
անցած,
անգոսնելով
դատարանին
վճիռը,
որ
ոգելից
ըմպելիքի
արգելքովը
կը
գոհանար
ու
կը
փրկէր
արդէն
արդար
սրճարանը՝
անիկա
յարձակեցաւ
գեղեցիկ
շէնքին
վրայ,
սոթտուած
ու
խանդավառ,
ու
կէս
ժամուան
մէջ
հիմնայատակ
կործանեց
զայն,
Ալլահին,
Մարգարէին
ու
երկրի
վրայ
ասոնց
շուքը
ներկայող
խալիֆային
ա
նսասան
փառքը
օրհներգելով։
Միեւնոյն
տարիին
մէջ
այս
երկու
ձեռնարկները,
իրենց
փառաւոր
արդիւնքով,
զայն
ըրին
քաղաքին
ամէնէն
ազդեցիկ
ու
շահեկան
անձնաւորութիւններէն
մէկը։
Անիկա
իր
կա
տա
ղութեան
կը
միացնէր
խնամուած
նենգութիւն
մը,
ինքզինքը
բաշխելով,
ճարտար
խաղարկութեամբ,
համեստ
կամ
մեծահամբաւ
աղօթատեղիներու
մէջ,
հանդիսաւոր
պաշտամունքի։
Հարիւրէ
աւելի
մզկիթներու
մէջ,
պաշտամունքի
այդ
ժամերը
անոր
համար
առիթներ
էին
զանգուածէն
ներս
շատ
զօրաւոր
խռովքի
ալիքներ
ստեղծելու,
երբ
խորունկ
ու
շատ
խնամուած
դ
երակատարութեան
մը
հմայքին
մէջէն
ինքզինքը
կը
յանձնէր
իր
գերագոյն
զգացումին,
անհաւատին,
կեավուրին,
մասնաւորաբար
անոր
ամէնէն
տկար
ներկայացուցիչին՝
հայերուն
դէմ
այն
անպարագիծ
կատաղութեան,
որ
անոր
դէմքէն
կը
հալածէր
արիւնը,
լեմոնի
դեղնութեամբ
դժնդակ
կաշի
մը
ձգելով
հոն,
ու
մօրուքին
դեղնաւուն
սարսուռը
եղերական
ցաւի
մը
պէս
հոսելով
չորս
դին։
Այդ
րոպէներուն
անիկա
անդիմադրելի
էր
իբր
հաւատացեալ
ու
իբր
մարգարէ։
Վախցած,
հմայուած՝
ամբոխը
չէր
համարձակեր
նայուածք
իսկ
վերցնել
անոր
աչքերուն,
դեղին
ու
լուսաւոր
մագաղաթի
կտորներ,
որոնց
մէջ
բանտուած
կը
թուէին
կանանչ
ուլունքները
անոր
բիբերուն,
անդիմադրելի
ու
ծակող՝
երբ
կը
սեւեռէին
կեավուր
դիմակ
մը։
…Անոր
բնաբանն
էր,
օրուան
հինգ
աղօթքներուն,
հայցել
խստութեամբ,
արդար
իրաւունքով
սուրբ
օրը,
երբ
իսլամին
հողերէն
հոտն
իսկ
ջնջուելու
էր
անհաւատին։
Մինչեւ
այդ
օրհնուած
օրը,
անխնայ
հալածել
հայը,
ամէն
տեղ,
տունին՝
ինչպէս
խանութին,
կրօնքին՝
ինչպէս
պատիւին,
կալուածներուն՝
ինչպէս
հոգիին
մէջը,
այդ
ամէնը
մշտապէս
ունենալով
աչքի
ու
բառի
առաջ։
Սարսափի
այս
տեւական
մշակումը
անոր
գոյութեան
իմաստը,
ինչպէս
ամբոխին
ալ
մէջը
սրբազան
պատգամ
մը
դարձաւ,
որուն
խորհուրդը
թանձրացուց
անիկա
ահաւոր
իր
պերճախօսութեամբ,
երբ
կը
պարպէր
մօտիկ
անցեալը
իր
ունկնդիրներուն
վայելումին։
Անիկա,
նախանձայոյզ
հաւատացեալ,
սրտի
ցաւով
կ’
ո
գեկոչէր
հին
տարիները
ու
կը
հրաւիրէր
իր
ժողովուրդը
վերադառնալ
այդ
անմոռանալի
շրջաններուն,
ուր
կեավուր
մորթելը
օրուան
պարտքերուն
մասը
կը
կազմէր։
Հիմա՞։
Բայց
ո՞վ
կ’արգիլէր
այդ
պատգամներուն
վերարժեցումը։
Սպաննել
անհաւատը,
երբ
կը
փորձէ
ընդվզիլ,
ոչ՝
տարիներու
սպասումով
մը,
այլ՝
առօրեայ
իրականութեամբ։
Ջարդերը
պարտաւոր
էին
մշտական
իրականութիւն
մը
ըլլալ։
Արիւնը
կը
զօրացնէ։
Շէյխ
Սապիթին
մէկ
պահանջն
ալ,
–
պատրաստել
բոլոր
երկիրներու
իսլամները,
բայց
մասնաւորաբար
օսմանեան
կայսրութեան
գերերջանիկ
ժողովուրդը,
մարսելու
կեավուրը։
Կ’անգիտանա՞ր
այդ
մարդը
անիմաստութիւնը
նման
հոգերու,
քանի
որ
կարիք
չկար
այդ
բանը
դուրսէն
սորվելու,
ամէն
թուրք,
դեռ
մօրը
արգանդին
մէջ
իբր
այդ
հանդերձուած
ըլլալուն։
Մզկիթներէն
դուրս,
սրճարաններու
եւ
հրապարակներու
մէջ
իր
գլխաւոր
նիւթը՝
հայերուն
հարստութիւնը
ու
համն
էր
անոնց
կիներուն։
Այդ
կալուածին
վրայ
անոր
լրբութիւնը
սրբազան
գեղեցկութեան
կը
հասնէր
բառէն,
պատկերէն,
կարելի
իրականութենէն
վեր
շնորհներով,
երբ,
ամէնէն
բանուկ
փողոցին
վրայ,
հայու
տունի
մը
պատին
միզելու
կը
կենար,
դանդաղ
ու
հանդիսաւոր,
վարտիքին
ոսկեհիւս
խոնճան
ները
կախած
մէկ
ափին,
միւսովը՝
ճմռելով
ու
ճմռելով
առնին,
մինչ
իր
բերանը
բոլոր
կիներն
ու
մանչերը,
ախոռի
զամբիկն
ու
օրանի
աղջիկը
կ’անցընէր
մէկ
շիշէն,
մեծաբարբառ,
պատկառելի
շեշտով
մը,
աչքերը
փակ
պատուհաններէն
ցանցառ
անցորդներուն։
Ասիկա
արարողութիւն
մըն
էր,
ու
գրեթէ
կրօնական
տարողութեամբ,
վասնզի
հիւպատոսներու
կառքերն
իսկ
անկարող
էին
լրբութիւնը
սաստելու
այս
տեսարանին։
Սվազի
մէջ
իր
ձեռքովը
հարիւրներ
մորթած
(ո՞վ
պիտի
գրէ
պատմութիւնը
այս
մարդոց),
Ջարդերու
փակումով
հիւանդացած
ու
Պոլիս
անցած
դեղնութիւն
մը
դարմանելու
համար։
Մայրաքաղաքին
մէջ,
իր
եռանդովը
ինքզինքը
վտանգած՝
անիկա
պարտաւորուեցաւ
ձգել
Պոլիսը,
ու
աստիճանի
բարձրացումով
–
անպաշտօն
պաշտօննե՜րը
անբաղձալիներուն,
որոնք
մինչեւ
Ե
մ
էն
ճամբայ
ունէին,
կուսակալի
տիտղոսով
–
ղրկուեցաւ
Պրուսա,
իր
ե
ռանդին
արժանաւոր
գետինի
մը
վրայ
աշխատելու
Օսման
պէյին
հետ,
որ
առաջին
իսկ
տեսակցութեամբ
կապուած
էր
իրեն,
սրճարանի
մը
առջին,
Այա
Սոֆիայի
հրապարակը,
երբ
աղօթքէ
մը
վերջ
ծանօթացած
էին
իրարու։
Օսման
պէյը
պալատին
մէջ
իր
ազդեցութիւնը
գործածեց
Եմէնի
փոխարէն
Պրուսան
առնելու
իր
բարեկամին։
Շէյխ
Սապիթին
խորունկ
ցաւը,
այդ
օրէն
ասդին,
իր
աքսորէն
աւելի
(զոր
նրբութիւնն
էր
ունեցեր
ըմբռնելու),
Պոլիս
ու
Պրուսա
իր
գտած
բարգաւաճ
հայութիւնն
էր։
Ջարդէն
այդ
քաղաքին
անմասն
մնալը
մեծագոյն
մեղքը
կը
նկատէր
ան,
Ալլահին
ու
Մարգարէին
հանդէպ։
Ամէն
օր
պիտի
յիշէր
ու
յիշեցնէր
ամօթալի
զանցառութիւնը
իր
ոտք
կոխած
տեղին։
Այս
մտայնութիւնը
հայկական
երանգով
ռոմանթիզմ
մը
չէ
այս
տողերուն
վրայ։
Մօտ
քսան
տարի
անիկա
հոգեկան
աշխարհն
էր
այդ
քաղաքին,
որ
կորսնցուցած
էր
սքանչելի
առիթը։
Ու
տարբեր
էր
անիկա
թուրք
միւս
մտայնութիւններէն,
որոնք
աս
ու
ան
քաղաքին
մէջ
արիւն
էին
թափած
ու
քիչիկ
մը
կուշտ։
Ատկէ
զատ,
հիմակուան
թուրքերուն
աշխարհիկ
ատելութիւնը
այն
ատեն
զգ
ե
ստաւոր
էր
կրօնական
պատմուճանով։
Ու
այդ
ատելութիւնը
մնայուն
թուխսի
դնող
մարմինը
հիմակուան
պէս
լիպերալ
մտաւորականութիւն
մը
չէր
տակաւին,
այլ՝
կանանչ,
դեղին
ու
ճերմակ
փաթթոցներու
հսկայական
բանակը։
Շէյխ
Սապիթին
մուտքը,
արտակարգ
սա
ժողովէն
ներս,
եղաւ
վայել
իր
համբաւին։
Բարկ
ու
քրտնած
իր
մարմինը
կը
բերէր
անդիմադրելի
պատկառանք։
Ա՛յնքան՝
որ
նստողները
անզգալաբար
իրենք
զիրենք
գտան
ոտքի։
Նորածին
մանկան
մը
գլխուն
ծաւալով
ծոպաւոր
փունջը
անոր
համրիչին,
կանանչ
ու
փափուկ,
զոր
կ’երանգէին
ոսկիի
հպանցիկ
թելեր,
փաղփուն
ու
կենդանի։
Այդ
փունջը
անոր
բժժանքը
կը
նկատուէր,
անբաժան
անոր
մատներէն,
լրացնելով
դեղին
անոր
համրիչին
հեքիաթը,
կանգունէն
աւելի
հասակով,
հատիկները
փոքր
ընկոյզի
մեծութեամբ,
տարօրէն
դեղին
սաթով
մը,
որուն
մարմինը
կը
թուէր
լոյծ,
կիսամշուշ
պղտորութեամբ
մը։
Այդ
համրիչը
անոր
հոգեբանական
կողմնացոյցը,
անոր
մտածումներուն
ղեկը
կարելի
էր
ընդունիլ,
վասնզի
անոր
անձին
խուլ
շարժումները
դեղին
իր
օղակովը
կը
գծաւորէր
աշխարհի
աչքին,
խաղաղ
պարոյրով,
բանալու
ատեն՝
անոր
հոգիին
միսթիք
խոյանքը
դէպի
ճեննէթին
իսկական
հեշտութիւնները,
որոնք
առաջօք
տեսանելի
վայելքներ
էին
գրեթէ։
Ու
այդ
համրիչը
դողահար
ու
կոծկոծուն
դժբախտութիւն
մը
կ’ըլլար
անոր
մատներէն,
երբ
իր
ատելութիւնը
կանչուէր
թրթռալու,
բխելու,
անձրեւելու
զինքը
մտիկ
ընողներուն
հոգիներն
ի
վար,
ոստոստելով,
գալարուելով,
հեծկլտալով,
ու
մ
ե
տաղակերպ
իր
հու
ն
չերը
ընելով
խուլ
ու
սիրտ
առնող
զարկ
մը,
որ
կը
թափանցէր։
Անոր
համրիչը
ձեռք
փոխեց։
Ասիկա
կերպն
էր
զուարթ
բարեւին,
զոր
արաբերէն
նախադասութիւն
մը
երբեմն
կը
յաջողէր
կնճռոտել։
Փաշաները
նկատեցի՞ն
ատիկա։
Տժգոյն,
մաղձէն
նուաճուած
անոր
աչքերուն
խորը
կը
թրթռար
մռայլ,
խիստ,
սպաննող
այն
անձուկը,
որով
հովանաւոր
է
ներքին
անձնաւորութիւնը
բոլոր
արիւն
թափողներուն։
Ատիկա՝
բաբախման
մէջ
սեւեռում
մըն
է,
եթէ
կը
ներուի
այս
բացատրութիւնը,
բիրտ
ու
յատկանշական,
որ
նայու
ա
ծքը
կը
նետէ
սուրի
մը
պէս
հատու
եւ
նուաճող։
Դեղին
յատակէ
մը,
որ
ծաղկապարկի
հիւանդութեան
մը
չարաշուք
յաւելումն
էր
այդ
անժուժելի
խստութեան։
Շէյխ
Սապիթին
ակնարկը
իրական
թոյնի
մը
հեղումով
կ’իջնէր
ուրիշներու։
Միւս
կողմէ՝
նոյն
տժգունութեամբ
անոր
դէմքին
վրայ
բացարձակ,
անհաւասարելի
յստակութեամբ
մը
պարզ
էր
անոր
թրքութիւնը,
մաթ
ու
խոնաւ
այն
անգթութիւնն
է,
որ
գիշակերինն
էր,
գառագեղէն
ներս
կամ
դուրս։
Ամբողջ
այն
կանանչ
ու
դեղին
խառնուրդով
հոգեկան
գլորո՛զ
ը,
որ
Արեւելքի
դէմքերը
երկայնութեան
գիծէ
մը
անդին
զարկած
է
դարերէ
ի
վեր։
Եւ
որ,
այդ
գիծը
անցնող
թուրքերուն
մէջ
հետզհետէ
կ’ընկրկի,
բայց
երբեմն
իր
լիութիւնը
կը
կոթողէ
այս
կարգի
տիպարներու
ընդմէջէն։
«Թոյն
կը
վազէր»
անոր
դէմքէն,
–
բացատրութիւն,
որ
մտած
է
ընթացիկ
լեզուի
մէջ,
ով
գիտէ
քանի՜
հարիւր
տարիէ
ի
վեր,
երբ
այդ
շէյխերուն
նախնիքները
անապատէն
ու
ստեփներէն
նոփնոր,
«շաղը
վրան»
կը
բերէին
այդ
դիմակները։
Ու
բացատրութիւնը
քիչ
կու
գար
`
արտայայտելու
համար
ընդարձակ,
տիտղոսաւոր
մարդասպաններու
սա
դիմակը,
երբ
չ’ընծայեր
պատեհութիւն
այդ
թոյնը
թափելու։
Մարդեր
կան,
որոնք
մէկ
ակնարկով
կ’ըմբռնուին։
Ուրիշներ
կը
շփոթեն
դիտողը,
իրենցմէ
հոսող
զգայութիւններուն
առատութեամբը։
Ա
ռաջին
շփումին
այս
տպաւորութիւնը
երբեմն
կը
սեւեռէ
վճռական
գիծեր,
մեզի
անծանօթ
նկարագիրներէ։
Շէյխ
Սապիթը
իր
մատներուն
մէջ
ունէր
այդ
բազմազան,
անհամաչափ
ինքն
ա
տպութիւնը։
Կարգով
մատչելի
չէր
անիկա
ուրիշներու։
Աչքերէն
ու
դիմագոյնէն
յետոյ
անիկա
–
անոր
ճակատը
իր
չգոյութեամբը
կը
պղտորէր
դիմացինը
–
կը
տպաւորէր
մօրուքովը,
ճերմկիլ
չուզող
(մեծ
հեշտամոլները
ինքնաբուխ
կորովով
մը
կը
թուին
կասեցնել
այդ
թուլացումը),
հակառակ
նուաճուած
ըլլալուն
նոյն
դեղնաւուն
ժահրէն,
փուշպսակի
մը
պէս
կը
շրջանակէր
այդ
փայլատ
ու
խար
զ
ած
միսերը։
Մէջքին՝
թանկագին
շալ,
պարսկահիւս,
ուր
կապոյտին
շերտերը
տիրական
էին,
ափի
մը
կռնակով,
իլաձեւ,
ձեռքձեռք,
բոլորն
ալ
դաշոյնի
մոթիֆ
մը
կերպադրող,
ու
շեշտելով
դաժան,
հատու
անոր
անձին
ընդհանուր
հեղումը,
տարօրէն
դաշնաւորուելով
մարդասպանի
անոր
բխումին։
Աւանդութիւն
մը
այդ
շալը
կը
բերէր
Արաբիայէն
կամ
Հնդկաստանէն,
մեծ
հօրը
մէջքով,
որ
Սվազ
էր
գաղթած,
իսլամը
քարոզելու,
բայց
մեռած
սրտին
ցաւէն՝
քանի
որ
խալիֆային
հողին
վրայ
կուսակալներ
ու
շահամոլ
հաւատացեալներ
կը
պաշտպանէին
անհաւատը։
Ու
անոր
փաթթոցը
կու
գար
երրորդ
գիծի՝
ֆէսի
փոխարէն
ուղտէ
բրդահիւս
գդակ
մը
գունաւորող։
Կանանչ՝
վերարկուն,
բաց
կարմիր
վերտերով,
անոր
կռնակին
ամբողջ
Միջին
Ասիան
եւ
Արաբիստան
բեռնաւորած։
Գիծեր
չէին
ատոնք,
այլ՝
մոթիֆներ,
որոնց
խստութիւնը
այսօր
ջնջուած
է
Պոլիսէն։
Արապեսքը՝
իբր
ոճ
ու
աւանդութիւն։
Ու
զարհուրալից
այս
գունաւորման
մէջ,
որով
ներքին
մարդը
ու
ասոր
արտաքին
փաթաթը
երբեմն
այնքան
սերտօրէն
իրար
կը
լրացնեն,
անոր
հետ
կը
քալէր
հեքիաթը
անոր
կարմիր
կօշիկներուն,
Պրուսայի
մէջ
անսովոր,
փապուճի
մօտ
բան
մը,
կողերէն
քիչ,
կրունկէն
քիչ,
բայց
քիթին
վրայ
հանգոյցով
մը,
մանրանկար
ու
ծալուած
կնճիթի
մը
նման։
Բարձր
այդ
շէնքին
ներքեւ
այդ
կարմիր
ու
մանրադիր
նաւակները
իրենց
տէրը
պտըտցուցած
ըլլալու
էին
արիւնի
հեղեղին
մէջ,
որ
ըսես
կը
մնար
փակած,
շաղախուած
անոր
ոտներուն՝
պերճախօս
խորհրդանշան,
փողոտուած
վիզերու
վրայ
իր
նե՜րկը
առած։
Մեծղի,
քիչ
մը
նեղ՝
դէպի
գագաթը,
այդ
հասակը
կարճըցած,
գեղջկական
մինարէի
մը
կը
նմանէր,
քիչ
մը
առաջ
հակած՝
ողնասիւնէն։
Թեւերը
կռնակին
վրայ,
շեղակի
հիւսած
իրարու,
այլանդակ
այդ
ծռութիւնը
երբ
կը
մտնէր
թաղէ
մը
ներս,
կը
ստեղծէր
ամայութիւն։
Ու
նման
էր
անիկա
ան
միւսներուն,
շրջուն
հսկաներ,
որ
ուղտի
մը
կմախքը
յիշեցնող
իրենց
անհեթեթ
մարմինովը
կը
թափառին,
գեղէ
գեղ,
ուսերնուն
պարկ
մը։
Անոնց
արհեստը,
արու
անասունները
կռտելն
է։
Մեծղի
այդ
թեւերուն
ծայրը,
անոնց
տարօրէն
զարգացած
մատները
առակի
կարգ
են
անցած։
Ու
նոյն
անյեղլի
պատկերին
մէջ
սառած
է
անոնց
դէմքը,
ուր
ժպիտը
պիտի
չբուսնի
երբեք։
Արեւը
անոնց
մորթը
եփած,
շագանակի
ջուրին
է
դրած
`
ընելով
զանոնք
սեւ
ու
վաղահասօրէն
խորշոմոտ,
վասնզի
անոնց
օրերը
անցան
ատամ
ծամելով,
երբ
մալուելիք
կենդանիներուն
երկու
զիստերը
ջանացին
զետեղել
իրենց
մէկ
ափին,
միւսով
մեռցնելու
համար
ջիղը
ամորձիքին։
Խոր
ու
նուաճող
եղաւ
անոր
ազդեցութիւնը
հազարապետ
փաշային
վրայ։
Արեւմտացած
զարմէ,
հաւանաբար
սլաւ
ծագումով
Մեհմէտ
Սիւրէյեա
փաշան
կատարելագործուած
տիպարն
էր
այն
ցեղային
արտայայտութեան,
որ
կը
համախառնէ,
քանի
մը
դարու
բնական
ընտրողութեամբ
մը,
այնքան
բազմազգի
արիւններ,
քրիստոնեայ
առեւանգուած
կիներէ
կամ
բռնի
տաճկըցած
արուներէ,
եւ
որ
մեծ
քաղաքներու
պաշտօնէութիւնը,
աւագանին
կաղապարելէ
ետք,
քիչքիչ
կը
տարազէ
նաեւ
նոր
օրերու
թուրքը։
Շէյխ
Սապիթը,
իր
մէկ
հատիկ
անձին
վրայ
կը
հերքէր
այս
ամէնը
`
համադրելով
իր
կարգին
ինչ
որ
ենիչէրիներէն
իբր
դէմք
ու
խժդժութիւն
ծրարուած
է
մեր
զգայութեանց
խորը,
ու
Ասիայի
եւ
Ափրիկէի
կիսավայրի
նմոյշները
թափառիկ
ցեղերու։
Բարեւուեցան,
արարողապաշտ
ու
ամբողջ։
Վասնզի
անձնական
բուռն
տհաճութեան
հակառակ,
հազարապետ
փաշան
հաւատաւոր
մըն
էր
ցեղային
վարդապետութեան։
Ո՞ւր
աւելի
հարազատ
է
թուրքը
իր
սկզբնատիպ
պատկերին,
որքան
այս
կարգի
նմոյշներու
վրայ։
Որքան
ատեն,
որ
այս
դիմագիծը,
այս
կմախքը,
մա՛նաւանդ
այս
ոգին
ունէր
գոյութիւն,
թուրքը
չէր
վախնար
իր
պատմութենէն։
Ցեղային
նորոգումի
անմահ
աւազան
սա
կիսավայրի
անասնութիւնը,
զոր
հեռու
է
ուրանալէ
ամէն
թուրք,
իր
էութեան
ամենախոր
ալքերէն,
նոյնիսկ
սերունդէ
սերունդ
Եւրոպա
ըրած,
կամ
արենային
ընտելացումով
մը,
ասպարէզեան
յարմարեցումներով
գէթ
արտաքնապէս,
երբ
իրեն
կը
ճարէ
կիսակիրթ
հոգի։
Բուն
իրենց
բառովը,
էօզ
թուրքը,
որ
տափաստանին
հուրքը,
ջուրքը
անշէջ
կը
պահէ
իրենց
կրակներուն
մէջ,
ապաստան
էր
գտած
այդ
մարդոց
ներսը։
Ու
զօրավար՝
ինչպէս
դիւանագէտ,
գրող՝
ինչպէս
վարչական
պաշտօնատար,
թուրք
աւագանին
խուլ
պատկառանք
ունի
այդ
թանձր
անասնութեանը
հանդէպ
իր
ցեղային
սկզբնածագ
տիպարին։
Անկումի
դարերուն,
այդ
աննահանջ
հաստութիւնը
փրկութեան
աննահանջ
կռուան
մըն
էր։
Կրօնքը
վերի
խաւերուն
մէջ
կարող
էր
թուլնալ
կամ
իսկական
իր
իմաստին
վերադարձ
ընել,
այսինքն՝
շէյխերն
ու
պէյերը
միսթիք
առաքեալներու
վերածել։
Այս
այլասերումները
դարմանելի
կը
նկատուէին,
հերիք
է,
որ
հոգին
պահէր
սա
կարծրութիւնը,
սաստը։
Մնաց
ո
ր,
թուրք
ազգայնականութիւնը,
նորը՝
ինչպէս
հինը,
արաբական
անտարբերութիւնը
պետական
դաւանանք
է
ըրած
հանդէպ
ցեղային
երանգներու։
Շէյխ
Սապիթը
քաջատեղեակ
էր
քոմիթաճիներու
հարցին,
Ստուգիչ
յանձնաժողովին
պատուակալ
ու
բոլորանուէր
ու
շատ
գնահատուած
մէկ
անդամը
ըլլալուն։
Պոլսառաք
մարդոցմէ
իր
զգուշութիւնը
զինքը
պահեր
էր
հեռու
պատուիրակ
փաշայէն,
որ,
մոլեռանդութենէ
աւելի
տրամաբանութեան
պէտք
ունենալուն՝
մերժեր
էր
անոր
ներկայութիւնը,
երկու
օր
առաջ,
իր
քննութիւններուն
արդիւնքէն
յետոյ,
լիակատար
նիստի
մը
վերապահելով
անխուսափելի
մարդուն
ծանօթացումը։
Շէյխը
զարմանալի
արագութեամբ
մը,
որ
խոտոր
կը
համեմատէր
անոր
մարմինին
հաստութեան,
ինչպէս
գլուխին,
թափանցումը
ըրաւ
ժողովին
աշխատանքին,
հետապնդած
նպատակներուն
ու
իւրացուց
չըսուած,
բայց
ուրուաձեւուած
տեսակէտները։
Վարակիչ
բան
էր
մտածելու
մէջ
սա
աշխուժութիւնը
մարդու
մը
կողմէ,
որուն
ուղեղին
ամբողջ
լարուածքը
գարշ
ու
թանձր
ախորժակներու
գոհացումը
ունեցաւ
իրեն
զսպանակ։
Չեմ
կրնար
լայննալ
դէպի
անհատական
անոր
կեանքը,
որ
մինակը
կէս
հատոր
կը
լեցնէ,
ու
ատով՝
չի
շրջանակուիր
այս
վէպին
մէջ։
Սերմ,
արիւն,
ապականութիւն,
վաւաշ
ու
անգթութիւն
միայն
արտածորող
անոր
ուղեղին
մէջ
ո՞ր
հրաշքով
տակաւին
կը
մնար
խորշիկ
մը,
ընդունելու,
մարսելու
համար
երկու
մեծ
գիտնական,
քանի
մը
լեզուներ
խօսող,
գիրքերու
հեղինակ
փաշաներու
քաղաքական
բարձր
հայեցողութիւնները։
Ե
ղաւ
այս
հրաշքը
սակայն,
վասնզի
անոր
համրիչը
լայն
պարոյրով
մը
նստեցաւ
կանանչ
սեղանին,
–
նշան՝
թէ
տէրն
էր
կացութեան։
Անոր
աչքերը
դեղին
ու
խոր
հանդարտութեամբ
մը
շողալ
առին։
Բիբը
կը
սեւեռէր
դէպի
վար,
իր
սիրտին
բունը։
Անիկա
ո՛չ
միայն
հասկցած,
այլեւ
տեսած
էր
անոնցմէ
անդին։
Գոհ
ու
երջանիկ
էր,
վասնզի
Եւրոպա
ըրած
փաշաներ
տարբեր
չէին
մտածեր
կրօնքին
ու
ազգին
թշնամիներուն
դէմ,
իրենցմէ,
մայր
հայրենիքին
հողին
մէջ
աճած
եւ
ուռճացած
փարթամ
ուղեղներ,
որոնց
քաղաքական
ըմբռնումը
հաւասար
կու
գար
համալսարան
ըրած
միւսներուն,
ասոնց
հետ
պահանջելով
բոլոր
տարրերու
բռնի
իսլամացումը,
ընդդիմութեան
պարագային՝
բնաջնջումը,
որպէսզի
կազմուէր
հզօր,
միատարր
բանակը՝
գրոհ
տալու
համար
Արեւմուտք,
տապալելով
առաթուր,
հող
ու
փոշի
ընելով
մահիկին
բոլոր
թշնամիները,
ու
սրբագրելով
պատմութեան
մեծ
սխալը,
որուն
նուէրն
էր
այժմու
Եւրոպան։
Այդ
բանակը
գլուխ
պիտի
հանէր
ինչ
որ
արաբները
չէին
կրցած
Քուատիէի
դաշտին
վրայ։
Այս
երեւակայութիւնը,
քաղաքական
ըլլալէ
աւելի՝
ոճրական,
մինչեւ
այսօր
կը
խանդավառէ
բոլոր
թուրքերը։
Անիկա
իսկոյն
վաւերացուց
մահուան
ծրագիրը։
Ատոր
գործադրութիւնը
ըլլալու
էր
արագ,
վասնզի
կարգ
մը
պարտականութիւններ
յետաձգումով
վնաս
միայն
կը
գտնէին։
Ատոնցմէ՝
աղօթքի
պահերուն
հանդէպ
անհաւատարմութիւնը։
Ատոն
ց
մէ՝
մա՛նաւանդ,
անհաւատը
մաքրելու
ղազա
ն
։
Ի՛նք,
դահիճը։
-Եղանա՞կը։
Հարցնողն
էր
արմտիքի
վաճառականը,
որ
պարտաւոր
էր
ճամբայ
հանել
հարիւր
ուղտ
ցորեն
եւ
ուշացած
էր
շատ։
Շէյխը
չափեց
զայն,
դեղին
արհամարհանքով
մը,
որ
արգահատանքի
մը
կը
նմանէր։
Ու
առանց
խօսելու,
համրիչը
առաւ
սեղանին,
ճօճեց,
գլխափունջը
փայփայեց,
յօրանջեց
ու
կիսափակ
աչքերով
անցուց
անոր
դեղին
ու
խորտուբորտ
օղակը
միւս
թեւին,
որ
դողաց։
Յօնքերու
կիտումով
ու
բերնի
թուլութեամբ
գործադրուած
այս
շարժումը
իմաստ
ունէր
անոր
ընկերոջը
`
Օսման
պէյին,
որ
անոր
մտերմութեան
խոստովանութիւնները
չէր
կրնար
մոռնալ։
Ա
ղօթքի,
նուիրական
զբաղմունքի
սկիզբէն
առաջ,
վերարկուի
լայն
թեզանները
յարդարող
կրօնաւո՜ր՝
որմէ
ա՛լ
բնազդ
դարձած
մրմռուք
կը
թափի
յաճախ,
բարիին
կամ
չարին
դէմը։
Թուրքերը
մարդ
մորթելու
կը
սկսին
Ալլահին
անունովը։
Համրիչի
շարժո՜ւմ։
Զոր
Օսման
պէյին
հաճ
ժպիտը
հասկցող
նայուածքով
մը
դիմաւորեց։
Փաշաները
մնացին
անհաղորդ
ուրուագծուած
գաղտնիքէն։
Նոր
օրերու
գերիրապաշտ
վիպող
մը
մատենադարանի
գիրքերը
հաղորդ
պիտի
ընէր
այդ
խորհուրդին
`
անոնց
մէջ
անհանգիստ
բան
մը
խառնելով։
Երկու
փաշաները
մոռցա՞ծ՝
որոշումը։
Չհարցուցին
սակայն
իրարու։
Վասնզի
շէյխ
Սապիթին
կրօնական
խստութիւնը
վարակիչ
էր
բոլորին
համար
հաւասարապէս։
Ժխտական
զգացումներու
հետ
մենք
շուտ
կը
հաղորդուինք։
Հասարակաց
օրէնք
է
բամբասանքին
խառնուիլ,
առանց
պատճառի։
Ուրիշը
ատելու
համար
մեր
անձնականութիւնը
նուազ
կը
յոգնի,
մինչ
սիրելու
համար
կորով
ու
մեծութիւն
է
հարկաւոր։
Շէյխին
շունչին
մէջ
մտնողը
փորձը
կ’առնէր
անոր
խստութեան։
Կան
այդ
մարդերը,
մագնիսական
զօրաւոր
հեղումներով,
որոնք
մեր
մէջ
թաքուն,
բայց
ընդարձակ
մազերակներ
կը
գտնեն
ատելութեան։
Փաշաներուն
խոհեմ
ու
դիւանագէտ
որոճալէն
աւելի,
տպաւորիչ՝
շէյխին
դէմքին
վճռականութիւնը,
որ
լռին
բորբոքում՝
աչքերուն
մէջ
արեան
նուրբ
ցանց
մը
եղաւ։
Ան
ինքն
ա
կորո՜յս,
մօրուքէն
թելեր
փետտելու
չափ։
Չափանի՜շը
իր
զայրոյթին։
Կամացկամաց
միւսներն
ալ
յարդարուեցան
իրենց
հոգիներէն,
սա
թելադրականութեան։
Ու
պարզուեցաւ
գրեթէ
ինչ
որ
ուրուացած
էր
քիչ
առաջ։
Շէյխին
տագնապը,
աղօթքի
փշուրները,
լայն
ու
դեղին
յօրանջը
դեր
ունէին
սա
անհանգստութեան
մէջ։
Հոգեվարքը,
մենէ
եօթը
տուն
վար,
կ’ազդէ
մեր
վրայ։
Նոր
քաղցուեղէն,
Պրուսայի
համբաւով
դեղձէն։
Տեղական
հելվա,
կարկանդակի
ձեւ,
որուն
կատարին՝
մահի՛կը,
արիւնի
գոյնով։
Թուրքերուն
խոհանոցը
անուշի
հանդէպ
հասած
է
մեծ
նրբութիւններու։
Բերուածներուն
նուաղուն
համը
ու
անուշութիւնը,
մա՛նաւանդ
գգուող
բուրումը
մազի
չափ
բան
չփոխեցին
սակայն
սիրտերէն։
Կ’ուտէին
այդ
մարդոց
բերանները,
բայց
անոնց
գանկին
ներքեւ
կարիճ
մը
կը
յօրանար,
կ’ուռենար։
Նոյն
գերիրապաշտ
վիպողը
պիտի
աւելցնէր
նաեւ
մատենադարանին
տագնապը,
ուրկէ
հազարաւոր
տարիներ
–
պատմական
էին
մեծ
մասը
այդ
գիրքերուն,
թուրքերուն
նախասիրած
սեռէն,
զոր
յաճախ
սուրով
մշակեցին
–
կը
թուէին
բացուիլ։
Ու
փոշիին
ու
աճիւնին
մէջէն,
լխկած
սունկերու
նման,
մեռել
ու
ողջ՝
ազգեր,
թագաւորութիւններ,
իշխաններ
ու
ուհիներ,
աս
քաղաքին
փլատակներուն
մէջ,
որոնք
խօսելու
էին
կամաց,
երկու
փաշաներուն՝
արեան
առքին
վրայ,
այնքան
տիրական,
բոլոր
կիսակիրթ
ժողովուրդներու
ներսը,
երբ
ապրելու,
հերկելու,
շինելու
տեղ,
արշաւած,
աւրած,
կրակած
էին
միայն,
դարերով։
Վիպասանին
տարազները
կ’ընդգրկեն
թուրքը։
Ա
յդ
առքը
չի
հարցներ
մեղք
կամ
վարձք։
Արիւն
թափելու
համար
մարդ
բնաւ
պէտք
չունի
խելքի։
Ու
թուրքին
ուզածը,
հետապնդածը
այդ
ծարաւն
է
արիւնին։
Որուն
յաճախանքը,
աւելի
մռայլ
գուցէ,
քան
սերմինը,
աւելի
անողոք,
ահաւոր
կը
դառնայ,
երբ
ստիպուի
դիմել
բարուրանքի,
վիճակ
մը
կայ,
որուն
պարագրկումը
վեր
է
մեր
կարողութենէն,
–
ատիկա՝
անգէտ
զոհին
մօտ
դահիճին
վարանոտ
հոգեկաննութի՛ւնը,
երբ
դեռ
մեր
խորագոյն
անձնականութեան
reflexeները
նոր
կը
դղրդուին
ու
չեն
գիտեր
ինչ
բանի
կը
լարեն
մեզ։
Յոգնեցան
սակայն։
Ու
կը
վախնային
ատիկա
յայտնել
իրարու։
…
Բաժնուելէ
առաջ,
երկու
փաշաները
հաշտուեցան
սակայն
անհանգիստ
այդ
ոլորտին
ու
եղան
աւելի
քան
սիրալիր
երկու
կրօնականներուն։
Արմտիքի
վաճառականին
հեռացո՞ւմը՝
պատճառ
սա
հասկացողութեան։
Ո՞վ
ինչ
գիտէ
օրէնքներէն,
որ
կը
վարեն
մեր
հոգիները,
Գերմանիա
ըրած
կամ
թէքքէ
պահած
մեր
հոգիները,
երբ
ասոնք
արեան
ձգողութեան
են
ինկած։
Գոյացաւ
լիակատար
համաձայնութիւն,
շէյխ
Սապիթին
իրիկնային
պարտականութեան,
անկէ
պահանջուած
միջոցներուն
մասին։
Երկու
փաշաները
իրենց
բաժին
հանեցին
մնացեալին
կարգադրութիւնը,
որ
թրքական
տարազ
չէ,
այլ՝
դիւանագիտական
աշխատանք։
Դատարան,
հիւպատոսական
մարմին,
մերհասա
էֆէնտին,
Սուքիաս
էֆէնտին,
քոմիթաճիներուն
հաւանական
հետապնդումը,
իրենց
անյա՜յտ
ընկերներէն,
կարելի
բարդութիւնները
կը
կազմէին,
որոնց
կարգադրութիւնը
նոյնքան
հայրենասիրական
պարտականութիւն
էր
`
դրուած
ուսերուն
երկու
փաշաներուն։
Այս
ակօսով,
անոնք
իրար
կը
լրացնէին։
Հասարակ
ոճրագործի
սա
ճկունութիւնը,
որ
քանի
մը
նշմարով,
կոպի
ու
մատի
շարժումներով
իրարու
կը
հաղորդէ
քիչ
յետոյ
կատարուելիք
խորհուրդը,
չի
զարմացներ
հոս։
Վասնզի
Գերմանիա
ընելը
մեր
համազգեստը
կրնայ
փոխել։
Կրնայ
նոյնիսկ
մեր
դիմագիծը
զսպել,
մեր
աչքերուն
հարկադրելով
վերապահ
ու
խորամանկ
candeur
մը։
Բայց
չի
կրնար
ջնջել
մեր
միսերուն
մէջ
բազմամիլիոն
բջիջներով
կառուցուած
գազանը,
որ
երկու
հազար
տարի
արիւն
հոտուըտաց,
անապատէն
մինչեւ
փարթամ
պալատները
Արեւմուտքին։
Թրքութիւնը
այդ
բջիջները
կ’ապրի
ոեւէ
ժողովուրդէ
աւելի
պարզութեամբ։
Արիւնը
անոնց
աչքին
սնունդն
է
տակաւին
այսօր։
Հինգ
դար,
անոնք
լողացին
այդ
կարմիր
հեղուկին
մէջ,
տառացի
բացատրութեամբ
մը։
Հազարապետ
փաշային
ջերմ
ու
կրկնուած
յանձնարարութիւնն
էր
տպաւորիչ,
պղտորիչ
ընծայել
տեսարանը,
որուն
շուրջ
դիզուած
հոգեբանական
տուեալներուն
անիկա
կը
հաւատար
գիտունի
պարզութեամբ
ու
թուրքի
միամտութեամբ։
Ոստիկանական
մեծ
պաշտօններ
անոր
մէջ
չէին
փոխած
այդ
թերածնունդ
տկարութիւնը
մտածող
մեքենային։
«Մէկ
կողմերնին
պարապ»
որակած
է
մեր
ժողովուրդը
թուրքին
այս
թերութիւնը։
…Սողոմին
ջիղերը
կակուղ
էին
տակաւին
ու
փաշային
հաւատքը
ամուր
էր
անոնց
վրայ
գործադրուած
սա
շահադիտական
անողորմ
արարքին։
Ամենավայրագ
մահով
մը,
ընկերներուն
վրայ,
Սողոմը
պիտի
խոստովանէր
ինչ
որ
եփած,
կրացած
միւսներէն
անկարելի
էր
եղած
ստանալ։
Այսպէս
ճշդուած,
ճշգրտուած,
սազուած
ու
աղուորցած,
որովհետեւ
գիտական
ծրագրումն
ալ
դեր
ունէր
կատարելիք,
Ոճիրը,
թող
ներուի
այս
գլխագիրը,
պաղ,
զուսպ,
սնգուրուած՝
բացաւ
դուռը
քոմանտան
փաշային
մատենադարանին։
Շէյխ
Սապիթն
ու
Օսման
պէյը
ճամբու
դրուեցան
ընթացիկ
ու
քաղաքավար
արարմունքներով։
Անոնք
կառավարական
պալատին
դէմ
Քառսուն
Նարկիլէներու
սրճարանը
պիտի
առնէին
իրենց
իրիկնամուտի
ժամանցը,
մինչեւ
արեւմուտի
էզանը։
Ո
րմէ
յետոյ,
քառսուն
փողրակնոց
անոր
աղբիւրին
մէջ
պիտի
լուային
ոտները,
ձեռքերը,
գանկը,
խղճմտանքը
մատուցանէին
մօտիկ
մեսճիտ
ի
մը
մէջ
երեկոյեան
աղօթքը
ու
դառնային
սրբազան
պարտականութեան։
Միւսթանթիգ
էֆէնտին
դուրս
էր
ձգուած
այդ
կարգադրութիւններէն։
Շատ
խօսիլը
միշտ
վնաս
ունի,
արձակ
գործերու
մէջ
անգամ,
ո՛ւր
մնաց
արիւնին
մէջ։
Շշուկով,
յօնքով,
մատով,
թարթիչով
փոխանակուած
այս
որոշումներէն
վերջը
պատուիրակ
փաշան
առաջնորդուեցաւ
վերնայարկ,
ուր
թեթեւ
նախընթրիքէ
մը
ետքը,
ընտանեկան
հաւաքոյթժամանցի
մը
համար
ծրագիր
կար
անցնիլ
Ջերմուկները,
քոմանտան
փաշային
անձնական
ապարանքը։
Սանդուխի
գլխուն,
եբենոս
գործակատարպահակին
միջոցով
հրահանգ
գնաց
բանտարկեալները
տանողբերող
սպային
պտըտցնել
զանոնք
մինչեւ
էզան։
Հրահանգը
կ’արգիլէր
դուրսէն
մարդոց
խօսիլը,
հայերուն
հետ։
Յետոյ՝
մութին
հետ
առաջնորդել
զանոնք
թակոյկներուն
սենեակը։
Արեւը
կառոյցներուն
վերնամասին
կը
յամառէր
աշնանային
իր
աղուորութեանը
մէջ։
…
Ժամ
մը
ամբողջ,
իրենց
շղթաներէն
սայթաքուն,
երեք
հայերը
ժուռ
ածուեցան
բանտին
զանազան
ճամբաներէն։
Շղթաներուն
աւելորդ
մարմինը,
երկարատեւ
նստուկ
կեանքը,
ծեծին
հետեւանք
անոնց
ոսկորներուն
վրայ
ցաւագին
բաբախումները,
լոյսին
ու
բաց
օդին
մսեցնող
ու
ատով
անախորժ
ողողումի
այս
պտոյտին
կու
տային
անսովոր
ու
նուրբ
անգթութիւն
մը։
Անօթութիւնը,
մատենադարանին
կծու
հոտերը,
առանձնանալու,
երկննալու,
քնանալու,
չըլլալո՜ւ
ստիպողական
պահանջ
մը
կը
լրացնեն
այս
տառապանքին
լռելեայն
մասն
ալ։
Միւս
կողմէ՝
մահուան
տեսակ
մը
մահոլորտ
հեռազգայութիւն
մը
զանոնք
կ’ընէր
տարօրէն
թրթռուն
կեանքի
ամէն
մէկ
ծուէնի
անցքին,
այն
նրբենի
ապրումներուն,
որոնք
չենք
տեսներ
բազմազբաղ
ու
հաստ
մեր
ազատութեանը
մէջ
եւ
որոնք
կը
փափկանան,
անակնկալ
լարերէ
մեր
մէջ
հոսելով։
Ապարանքի
բակէն
անոնց
ելքը
խաչաձեւուած
էր
քոմանտան
փաշային
աղջկանը
տեսիլքով։
Տեսի՜լք։
Վասնզի
երեքն
ալ
տարօրէն
ցնցուեցան
անոր
մատաղ
ու
միամիտ
աչքերէն։
Աւելի՝
գալարագին
բան
մը
հոսեցաւ
իրենց,
տաք
ու
ցաւոտ,
զոր
սեռին
մագնիսը
կը
ծորէ
իրմէ։
Դէմքին
տեսակ
մը
դալուկ,
զոր
յուզումը
չէր
յաջողած
վիրաւորել։
Մէկդի,
հաւանաբար
զինուորներուն
շունչէն,
Եղնիկը
դիտեր
էր
երեքն
ալ
փոխն
ի
փոխ
`
սեւեռելու
համար
Սողոմենց
տղան,
ամուր
ու
պարզ։
Ելքի
ճակտին,
սիրուն
տաղաւար
մը,
որուն
բարձրադիր
աւազանէն
ջուրի
սիւնակներ,
ծռուած
գագաթով
մոմերու
նման,
կախ
էին
փողրակներէն։
Եղնիկին
մօրը
միջնորդութեամբ
բանտարկեալները
արտօնուեցան
ջուր
խմելու։
Աղջկան
պատկե՛րը,
այդ
մայրը,
աւելի
հաստ,
աւելի
տրտում,
բայց
նայուածքին
մէջ
եփուն
ու
խոր
բանով
մը,
որ
կինը
կը
զատէ
տհաս
ձեւէն,
աղջիկէն։
Գլխուն
շարփ
ի
մօտ
վառ
մը,
ճաշակով,
որ
կը
ծածկէր
մազերը,
բայց
կ՚արտայայտէր
մորթին
տարօրէն
քնքուշ
յոգնութիւնը։
Ան
ալ
սեւեռեց
բանտարկեալները,
բայց
տաք,
գորովոտ
աչքերով։
Յետոյ
քալեցին։
Անոր
աղջիկը
հագուած
էր
մեղրագոյն
ադլասէ
վերարկու,
ոսկի
թելերով
ներդաւոր
ու
պճնազարդ։
Մուշտակ
օձիքին
մէջ
անոր
դէմքը
կը
թուէր
փորագրուած,
դուրսէն
բերուած
ու
դրուած
անոր
ուսերուն։
Մաթիկ
Մելիքխանեանցը
յիշեց
Մոսկուայի
դալուկ,
բայց
տարօրէն
հագուած
օրիորդները,
ազնուուհին՝
ինչպէս
ցնծուհին,
նայուածքի
բացութեամբ
միայն
զանազանելի։
…Անցան
զօրանոցը,
որուն
պատուհաններէն
գլուխներ,
ո՛չ
դալուկ,
ոչ
ալ
փափուկ,
զանոնք
սեւեռեցին,
այս
անգամ
երկաթ
նայուածքներով։
Որուն
չորս
դուռներուն
դէմօք,
մեծկակ
կրակարաններ՝
ածուխով
բեռնաւոր,
սպաներուն
համար
անշուշտ։
Իւրաքանչիւրին
առջին,
զինուոր
մը,
կոկոզ,
պուկը
ուռեցնելով,
արծարծելու
համար
պտիկ
մը
կրակը,
զոր
ոճրագործը
հազար
դժկամութեամբ
կու
տար
այդ
մարդոց,
բայց
կու
տար
հացին
հոգովը։
…Մոխիրնոցին
առջեւ
անոնք
ստեղծե
ց
ին
որոշ
հետաքրքրութիւն,
ընդունեցին
բարեւ
ու
բացագանչութիւն։
Մուշտակագործ
Ղազարոս
էֆէնտիին
անունը
տրուեցաւ,
բայց
դէմքը
չերեւաց։
Ոստիկաններ,
հոտ
առնող
շուներու
շեշտութեամբը։
Ու
միջոցին
վրայէն,
աչքէ
աչք
կամ
մատէ
մատ
խօսելու
ձեւ
մը,
որով
վտանգը
կը
հիւսուի
մեր
ջիղերն
ի
վար,
երբ
կապուած
կը
քալենք
զինուած
մարդերու
առջեւէն։
…Դարձան
ետ։
Շեղեցան
դէպի
անցքը
խօսարանին,
որուն
սանդուխի
գլուխէն
պահակը
փութաց
դէպի
սպան։
Կարճ
խօսակցութիւն,
որմէ
բառ
չելաւ
դուրս։
Զինուորները
տհաճութեամբ
կը
հանդուրժէին
այս
անիմաստ
շրջագայութիւնը,
միւս
կողմէ՝
իրենց
իմաստութեան
մէջ,
հիւսելով
հեքիաթներ,
այդ
խօսակցութիւնը
բացատրող։
Պահակը
(խօսարանին)
փաշային
ապարանքը
կը
մտնէր
ու
կ’ելլէր,
ծերուկի
ընտանութեամբ։
Բայց
անշուշտ
սպային
կը
պատմէր
սա
պահուն,
Եղնիկին
վրայով,
քանի
որ
զինուորին
համար
մարզանքէն
յետոյ
աշխարհը
կ’ամփոփուէր
աղջիկներու
շրջազգեստին
մէջ։
Կարճ
խօսակցութիւնը
կ’երկննար,
զինուորներուն
վախկոտ
հազէն
առանց
ազդուելու։
Ծերունի
պահակը
քիթով
ու
մորթով
կը
խօսէր
ու
իր
պաշտօնը
կը
պարտէր
լեզուի
այդ
կատարելութեան։
Արեւը
քաշուած
էր
բոլորովին,
կիսամութ,
տխուր,
չարագուշակ
շղարշի
մը
պատնէշով
հսկայ
կառոյցները,
անոնց
պատերուն
տակով
ածուները
ընելով
գերեզմանական
գորշութեամբ,
մութը՝
մոխիր,
ու
ոստերը՝
մեռելի
ոսկոր։
…Իջաւ
սպան
սանդուխէն։
Խումբը
դարձաւ
ետ։
Հո՛վ։
Պաղ,
բարակ,
մարդկային
շրթներով,
ու
խորունկ։
Սպային
ակնարկը
ցոյց
տուաւ
փաշային
ապարանքը,
որուն
շրջանը
ըրին
բանտարկեալները,
ցաւէն
ու
յոգնութենէն
վեր
հոգեկան
վիճակով
մը։
Վերջալոյսը
սկսած
էր
անոնց
գլխուն
վրայ։
Կարմիր
գիծեր,
դեղնախառն
գետի
մը
քմայոտ
մարմինին
նման
ձգուեր
էին
տժգունած
կապոյտին
վրայ,
խառն
ի
խուռն,
ինչպէս
կը
ձգուին
մեր
ալ
ներսը
մեր
յուզումները։
Ճիչերը՝
քիչ,
բանտին
անձաւներէն
երգը
կը
մխար,
բայց
չէր
ճշդուեր։
Կառք
մը
դղրդեցաւ
պալատին
մեծ
սալարկին
վրայ։
Կատու
մը
անցաւ՝
կտրելով
անոնց
գիծը։
Սեւ
էր
կենդանին
ու
Սողոմը
սարսռաց։
Նախապաշարումը
գէշ
կը
մեկնէ
այդ
կերպ
կտրուիլ
մը։
…Դարձդարձիկ
այս
երթեւեկին
կարեւոր
դէպքը
չորսհինգ
անգամ
խումբին
խաչաձեւումն
էր
պտոյտի
ելած
մարդուն
աղջիկէն։
Երեւոյթը
այնքան
յատկանշական
ըլլալու
էր,
որ
զինուորներուն
անիմաստ
ուղեղին
մէջ
իմաստի
ելաւ։
Խօսարանին
պահա՜կը։
Հին
նոխա՜զը։
Որ
զուր
տեղը
հաճելի
չէր
հանըմին։
Ո՜ր
եղնիկը
անտարբեր
է
որսորդին։
Յիսնապետ
տեղակալը
անոնց
հանդիպումը
ընդունած
էր
լուրջ
ու
կիսաժպիտ
`
գերմանական
իր
պեխերուն
ցցունքը
նորոգելով
ամէն
անգամուն։
Ո՞ր
աղջիկը
անտարբեր՝
փայլուն
մորթին
ու
շքեղ
պեխին։
Տարօրինակ
սա
շրջագայո՜ւմը։
Որ,
յուղարկաւոր
իր
տրտմութեան
ու
դանդաղութեան
մէջ
Մաթիկին
համար
անսովոր
զգայութիւններ,
բռնկումներ
կը
հանէր,
տեսարանէ
ու
դէմքէ։
Ի՛նչ
հրաշքով,
ասիական
աս
պատկերները
անոր
մէջ
կը
գտնէին
այդ
անակնկալ
արձագանգը,
որպէսզի
անիկա
անդիմադրելի
խուժումին
տակն
իյնար
իր
մանկութեան,
աղքատիկ
իր
մօրը
ձեռքէն
կախուած,
երբ
կը
պտըտցնէին
այսպէս
հեռաւոր
Կովկասի
մէկ
գեղին
փողոցներէն,
այդ
վերջալոյսին
ու
այդ
տրտմութեանց
մէջէն,
իրական
բալիկ,
ամրօրէն
պաշտպանուած
որբեւայրի
այդ
կնիկէն,
որ
կը
դողար
անոր
արեւուն,
ու
հօրը
մահը
լալու
ատենը,
արցունքները
կը
չորցնէր
իր
որբի
մազերուն,
ու
կը
համբուրէր
պաղ
իր
թուշերը,
կրակկրակ
շրթներով։
…Որ
հիմա,
իր
կուրցած
պառաւութեան
մէջ
–
այրիներուն
մեծ
դժբախտութիւնը,
լացին
զոհել
իրենց
աչքին
լոյսը
–
ով
գիտէ
սեւ
ի՜նչ
դողերով,
սա
պահուն,
կ
’ոգեկոչէր
իր
ամուսինը,
գովքի
մը
դողերուն
վրայով,
ու
նոյն
սարսուռով
իր
անվախճան
գիշերին
կը
հասցնէր
զաւակը,
հովէն
ու
մութէն
պահանջելով
բալիկ
Մաթիկը։
Ո՜վ
մեր
մայրերը։
Ձեր
երիտասարդութիւնը
զարնող
ցաւերէն
մեծագոյնը
մեր
ձեռքով
ձեզի
հասցուած
աս
անպարագիծ
կսկիծն
է
եղեր։
Ներեցէք
մեզի,
որ
ձեր
սիրտերուն
տարածէն
հարիւր
հեղ
աւելի
դրինք
ձեր
վրայ։
Վասնզի
չբաւեց
ձեզ
ձեր
այրիութիւնը,
երբ
քսանհինգ
չմտած
ձեր
փէշերը
կարեցիք
աշխարհին
համերուն
վրայ,
թաղեցիք
ձեր
էրիկները,
լալ
իսկ
չկրնալով
ու
չորսհինգ
տղու
անօթի
ոսկորները
ունեցաք
ձեր
մեռած
ստինքներուն
մշտապէս
փակած։
…
Աւելի՛ն.
ձեզ
ըրինք
միշտ,
միշտ
թաղողներ,
նո՛յնիսկ
երբ
անցանք
վտանգի
տարիքը,
պատանի
եղանք
ու
երիտասարդ,
ձեզ
լքելու
համար
ձեր
բոլոր
յոյսերուն
մէջ
ու
աղաչանքին
մէջ
ու
իջանք
կրկէսը
անլուր
կռիւին,
մութ,
յուսահատ
մեր
մեծ
կռիւին։
Դուք
տարիք
այս
մահերն
ալ։
Ու
աւելի՜ն…։
Բայց
պէտք
է
քալել։
Ու
քալել
Մաթիկին
հետ։
Որ
քաղցր,
պատանի,
ու
աղջկանը
տարիքէն,
հոգիով
անհուն,
ուսանող
ու
տարուած,
այրեցաւ
այդքան
կանուխէն
կրակովը
իր
ցեղին
անհաս
խորհուրդին։
…Ուրիշ
ժողովուրդներու
մէջ
իր
ցեղին
կաթիլը
ընդհանրապէս
զգալի
կ’ըլլայ
պատանիէն
վերջը,
երիտասարդին։
Մեր
մէջ
կարգը
շրջուած
է,
խռովքը,
խելամուտը,
տրտմութիւնը
ու
ատոնց
անդրադարձը
մեզ
կը
գտնեն
պատանութեան
դուռներուն։
Կը
խորհիմ,
թէ
ընկեր
Մաթիկն
ալ
նման
էր
մեզի,
այդ
անորակելի
տարիքին,
երբ
առաջին
անգամ
զգաց
իր
ցեղը,
իբր
անցեալ
ու
ներկայ
բռնկում։
Պէտք
է
քալել
ու
շարժում
պատմել,
որպէսզի
թերթօնը
տաքնայ,
ու
թողուլ
բոլոր
Մաթիկներուն
հոգին
այդպէս
հպանցուած
ու
փակ…։
Եղե՞ր
էր
ան,
երբեւիցէ,
ազատ
երիտասարդ,
հեռու
Կովկասին,
որ
զգլխանքի
օր
մը,
անորակելի
ձայներէ
հրուած,
թաւալգլոր
ինկեր
էր
Մոսկուայէն
Թիֆլիս,
մկրտուեր
`
անցնելու
համար
սահմանը…։
Դժբախտութիւն
է,
որ
վիպողը
զոհէ
անցեալները,
մնալու
համար
ներկայի
մը
օղակին
մէջ,
ինչպէս
կեանքի
ծովին
մէջ
նետուած
արկածաւոր
մը…։
Կը
քալէին
անոնք
երեքով։
Ու
անոր
անցեալը,
մութին
մէջ
վառող
փայլակին
նման՝
կը
բացուէր
ու
կը
գոցուէր,
զինքը
ընելով
տատանող,
քաղցր,
թուլիկ
ու
ողջ
մեռել,
որ
երջանիկ
է,
խուսափուկ
ներդաշնակութեամբ
մը
երկու
աշխարհներու։
Իր
քայլերուն
տակ,
բակերուն
խոշոր
սալերը
ըսես
կը
հալածուէին
իրենց
թրքութենէն։
Մշուշ
մը,
քաղցր
ու
ջերմիկ,
քիչքիչ
կ’առնէր
իրերէն
իրենց
շրջագիծը
կ’աղաւաղէր,
բայց
չէր
սեւցներ,
ինչպէս
կը
պատահի
ասիկա
կարգ
մը
երազներու
մէջ,
որոնց
իրականութիւնը
չենք
կրնար
հերքել։
Տղայ
մը
անցաւ
իրենց
մօտիկէն,
հաւանաբար
որբ
մը,
զինուորականի,
վասնզի
տաբատը
պետական
կերպասէ
կտրուած
կը
թուէր։
Ցուրտը
զարկած
էր
անոր
այտերուն
ու
շրթներուն
շերտ
մը
հաց,
սեւ
ու
խոցխոց…։
Մաթիկին
քիմքին՝
անպատմելի
զգայութիւնը,
շատ
հին
օրերէն
հեքիաթի
մը,
որ
կը
պատմէ
մոխիրի
համը,
մոխիրէ
շինուած
բաղարջի
մը,
–
աղքատ,
շատ
աղքատ
ու
կուրցած
պառաւի
մը
հիւղակին
խորը,
երբ
անոր
պանդուխտ
որդին
կը
դառնար
հայրենի
տունը,
քամարը
լեցուն,
բայց
մարմինը
չուառ,
նստելու
օճախի
կուշտին,
ուտելու
համար
մօրկանը
բաղարջէն
մոխիրով
ու
արցունքով
շաղուըւած
բաղարջէն,
հաւանաբար
խոցխոց,
ինչպէս
շերտը
սա
որբին
բերնին։
Անոր
լեզուին
վրայ
եղաւ
նորէն
աղի
հին
կծումը։
…Տարին
պատկերը։
Տարին
Մաթիկին
մանկութիւնը։
…Կը
քալէին։
Ու
այս
անգամ
ինք
հեքիաթին
մէկ
ուրիշ
որբն
էր,
խորթ
հօրը
կողմէ
փողոց
նետուած,
փնտռելու
Աստուածը,
անկէ
ուզելու
համար
կուշտկեկ
սեղան
մը,
տաքուկ
անկողին
ու
…
բարի
պապա
մը։
Հեքիաթը
այդ
ճամբան
կ’ընէր
ասոր
պէս
բան
մը,
այսպէս
հսկայ
ու
մռայլ
շէնքերով
կտրտուած,
դարձդարձիկ
ու
պաղ,
հովոտ,
պատուհաններուն
տարեկից
աղջիկներ
դնելով,
որոնք
հաց
ու
անկողին
ու
հայրիկ
ունէին,
ինչպէս
կը
կարդացուէր
անոնց
աչքերէն…։
Տարին
այդ
հեքիաթն
ալ,
ու
անոր
կապուած
խորունկ
զրկանքի
զգայութիւնը,
որ
մօրկանը
համբոյրովը
կը
զովանար։
…Անոր
մայրը
չէր
կարգուած՝
խորթ
այդ
պապան
խնայելու
համար
իր
զաւկըներուն…
։
Քալեցին
կրկին։
Ծերունի
մը,
թաշկինակով
ականջները
փաթթած,
նայեցաւ
իրենց
մռլտալէն։
Կ’անիծէ՞ր,
թէ
կը
հայհոյէր։
Եմէնէն
իր
տղուն
մահը
գուժեր
էին
իրեն
ու
տուած
պզտիկ
ծրար
մը
բան,
որ
անութին
էր
այդ
պահուն
ու
կը
պարունակէր
մեռնողին
թուղթերը
ու
անձնական
առարկաները,
նահատակութիւնը
վաւերացնող։
Ծերունին
կը
մռլտար,
հաւանաբար
չլալու
համար,
թէեւ
աչքերը
չորցած,
կռնծած
էին
գործին
հետ։
Ու
արգելք
ալ
կար,
պաշտօնատուններու
շրջանակին՝
արցունքով
խռովելու
փափուկ
սիրտերը
դիւան
ի
պէյերուն,
էֆէնտիներուն,
այդպէս
կոկիկ
ու
մաքուր,
իրենց
բազկաթոռներուն,
մազերուն
խազը
աղջիկի
պէս
բաց։
Մինչ
իր
մէկ
հատիկը
–
չէր
կրցած
արժեւորել
միամօր
որդիները
զինուորութենէ
զերծ
պահող
իր
իրաւունքը,
երկրորդ
կնոջը
բերած
մէկ
էֆէնտիին
գնովը
–
Արաբիստանի
աւազներուն
մէջ
գերեզմանի
անգամ
չէր
արժանացած,
անապատէն
ներս
անյայտ
կորսուելով,
զոհ
գացած՝
պետեւիներու
դաւին,
որոնք
թուրք
զինուորները
խաբելով
կը
տանէին
ներս,
աւազաստանի
մէկ
չոր
գետակին
յատակը
ու
կ’ըլլային
անհետ,
անօթութեան,
ծարաւին
ու
գազաններուն
ձգելով
զանոնք
մաքրելու
հոգը,
երբ
իրենց
խիղճը
արգիլէր
արիւնը…։
Ու
կը
քալէին
հայ
տղաքը,
ծերունիին
ետեւէն,
անշուշտ
անոր
զաւկին
նման
ոչ
դէպի
աւազները,
այլ՝
երկրին
յատակը…։
Մաթիկին
ուզածնե՞րը։
Շատ
ու
շատ
բաներ…։
Ամէնէն
եղերականը,
թերեւս,
շրթները
սա
աղջիկին,
դալուկ՝
ինչպէս
նիհար
սատափ
մը,
բայց
այնքան
իրա՜ւ։
Ո՜վ
մեր
թշուառութիւնը
մահուան
այսքան
մօտ։
Ու
մեր
ախորժակները։
Անոր
կարօտը՝
սա
ձգուելիք
աշխարհէն
(հետզհետէ
կը
խորանար
իր
մէջ
ստուգութիւնը
մահուան
պատգամին,
պատուիրակ
փաշային
մեղմ
բանաձեւէն,
որ
կը
ծանրանար,
կը
յստականար,
բայց
չէր
նեղեր։
Աւելի
տարօրինակը՝
այդ
թրքութեան
մեղմացումն
էր
իր
ջիղերուն
ցանցէն։
Ըսես
կը
հաշտուէր
մարդերէն
վեր
բանի
մը
հետ),
որմէ
հեռանալը
կամ
որուն
փարիլը
իրեն
կը
թուէին
նոյն
կարօտին
զոյգ
երեսները։
Անմուրատ,
զուր
տեղը
մեռնող
տղո
՞
ւ
ըղձաւորութիւն։
Ո՜վ
ինչ
գիտէ,
թէ
ինչ
կ’ուզեն
մեր
սիրտին
հազարով
թելերը,
փրթելէ
առաջ։
Դուրսէն
մեզի
յարդարուած
հոգեվարքը
ունի
այս
հոյակապ
պայծառութիւնները։
Գիտակցութենէն
անդին
ջրհեղեղ
մըն
է
ասիկա,
երբ
մեր
փոքր
եսին
սահմանները
կը
պատռին
ու
մեր
վրայ
կը
խուժէ
անբաւ
աշխարհը
յուզումներուն,
զգայութիւններուն,
որոնք
կազմեցին
մեր
օրերը,
ծուէնծուէն,
առանց
մեր
մասնակցութեան։
Ողջակէզէն
առաջ
մեր
տարիները
կնդրուկի
կայլակի
մը
պէս
կ’այրին
մեր
սիրտի
անտես
բուրվառին։
Երեքէն՝
եղկելի՛ն,
Սողոմը
նորէն։
Վասնզի
իր
շղթան
կը
կրէր
միւսներէն
դժուար։
Ու
չէր
հաշտուած
մահուան
հետ,
մոռցած
գրեթէ
իր
ոճիրը,
իր
հայ
ըլլալը,
սա
բանտին
երախին։
Գրաւուա՞ծ՝
յամեցող
պատկերովը
աղջկան։
Անկիւնադարձի
մը,
անիկա
տեսաւ
սեւամորթ
գործակատարը,
աղջկան
ետեւէն,
ուշադիր
ու
խիստ։
Թեւը
տուած
դեղձի
մը
կարճ
ոստին՝
Եղնիկը
կը
թուէր
երազել,
ապահովաբար
գեղանի
սպային
անցքը
սպասող
իր
միամտութիւնը
ծածկելու
համար
սրատես
զինուորներու
թափանցումէն,
որոնք
հազիւ
կը
զսպէին
իրենց
ցանկութիւնը
անոր
վրայ
նետուելու
եւ
հումհում
կրծելու
անոր
այտերը։
Այսպէս
է
շինուած
այս
կեանքը։
Սողոմը
ջանաց
ամրապնդել
իր
քայլերը։
Անիկա
այցուած
էր
ժամ
մը
առաջուան
շուարուն
իր
հոգեվիճակէն,
երբ
այդ
սեւ
մարդը
իրեն
խօսեր
էր
փոքր,
տխուր,
խղճմտանքը
ծակող,
բայց
նոյն
ատեն
մութ
ալ
բաներ,
զինքը
սիրող
անձերու
բերնով։
Իր
սուզումին
մէջ
անիկա
չտեսաւ
ճիւղ
մը,
ծառէ
մը,
որ
դպաւ
ականջին
`
զինքը
կանչելով
իրերուն
աշխարհը։
Քանիերո՜րդ
անգամն
ըլլալով
անոնք
հանդիպումը
ըրին
այդ
աղջկան,
հետզհետէ
աւելի
տրտում
ու
յոգնած,
բայց
բռնկած
հոգիով։
Արեւը
երկինքի
երեսին
մուրի
մօտ
բան
մը
եղած
էր
արդէն,
ամպիկներու
քամակին,
անորոշ
գոյներու
խաղ
մը
պտըտցնելով
ազատ
այդ
դաշտերուն
վրայ։
Պաղը՝
կրկին,
բանալով
իր
պահեստները
սա
հսկայական
պատերէն
ու
ժողվելով
իր
թեւերը
հողէն,
սալերէն,
ջուրէն։
Երկար
ատենէ
ի
վեր
բաց
օդէն
բաժնուած,
բանտարկեալները
գրեթէ
կը
դողային,
ծիծաղը
շարժելու
չափ
զինուորներուն,
առողջ,
անզգայ,
ցուրտէն
ու
շոգէն
հաւասարապէս
վեր։
…Ու
ասիկա
այսպէս,
մինչեւ
որ
մղձուկ
մինարէէն
փրթաւ
երեկոյեան
աղօթքը.
-
Ալլա՜հ
էքպէր,
Ալլա՜հ
էքպէր…
Որ
թարգմանի՝
«Բարձրեալն
Աստուա՜ծ»…
Այո՜։
Մեծ,
մեծագոյն
Աստուածը,
որ
սա
մունետիկին
բերնովը
հրամանը
կու
տար
հանդարտ
ու
քաղցրանուագ
ոճիրին։
Որ
ըրած
է
այդ
բանը
այնքան
հազար
անգամներ,
այնքան
հազար
տեղերու
վրայ,
աւելի
հոյակապ
նուագներով։
Ձայնին
հետ,
որ
բանտարկեալները
գտաւ
գեղեցիկ
արիշի
մը
ներքեւ,
բուսաւ
խումբը
ժանտարմ
ա
ներու,
բոլորն
ալ
մէկ
մկրատէ
ելած
հասակներով։
Ա՛լ
սեւնալու
վրայ՝
օդին
մէջ,
անոնց
դէմքերուն
զանազանութիւնը
կը
տարտամէր
համազգեստին
հաւասարիչ
միւս
սեւին
մէջ։
Այդ
հսկայ
կոյտերուն
վրայ՝
պեխը
քիչ։
Մոնկոլագիծ
այտեր։
Դաժանէն
անդին
բանով
մը,
պիրկ,
լուրջ,
անխօս։
Ո
՞
վ
զատեր
էր
այս
մարդիկը։
Ասոնց
տասնապետը,
կէս
թիզով
աւելի,
դահիճի
դասական
տիպարը
արթնցուց
Սողոմին
մտքին։
Արեւելքի
մէջ
դարերով
այդ
մարդը
շփոթուած
է
հոգէառին
հետ,
որ
սա
տասնապետներուն
մարմինը
ունի
ժամուն
պատի
նկարներուն,
աւելի՝
երեք
կամ
եօթն
ալ
թեւեր
ու
անդամներու
իւրաքանչիւր
խաղին
ալ
մէյմէկ
աչք,
բացի
ճակտի
կեդրոնին
մեծ
աչքէն։
Հեքիաթն
ալ
հաճոյքով
կը
ծանրանայ
դահիճին
դիմագիծին,
երբ
աղջիկներուն,
աւելի՝
կիներուն
մազերը
թեւին
հիւսած,
աջով
կը
կոխէ
սուրը
անոնց
ծոծրակին։
…Սա
պահուն
այդ
տասնապետը
իր
հասակէն
աւելի
կը
թուէր,
թերեւս
առնելով
այդ
աւելին
հեքիաթէն
կամ
իր
իսկ
թողած
տպաւորութենէն։
Խօսեցաւ
անիկա
իր
մարդոց,
հայերէն
անլսելի
չափով
ցած։
Խորհրդակցութի՞ւն։
Չէր
կարելի
մտածման
բաժին
դնել
սա
գլուխներուն
կեդրոնացումին
մէջ,
որ
այդ
խումբը
կ’ընէր
այդքան
տարօրէն
խռով
ու
հանդարտ
նոյն
կեցուածքին
վրայ։
Մահուան
շո՞ւքը,
թուրքին
առհաւական
հեշտա՞նքը։
Կտրուկ,
տասնապետը
հրամայեց։
-Առա՛ջ։
Սպան
կը
պակսէր,
թերեւս
յանուն
գերմանական
կարգապահութեան։
Ժանտարմաները,
թիւով
տասը,
զինուորական
շարժումով,
դարձան
իրենց
կրունկներուն։
Արագ,
անոնք
զուգահեռ
գիծեր
եղան
բանտարկեալներուն
երկու
քովերէն։
Անոնց
յաղթ
մարմինները
կը
խղդէին
միւսներուն
արդէն
քիչ,
յուզումով
աւելի
քիչցած
ձեւերը։
Անցքը՝
նեղ։
Հրաման
մը
կալանաւորները
ետեւ
ետեւի
շարեց։
Ժանտարմաները,
առանց
խօսելու,
երկաթի
պէս
պաղ
մատներով
շինեցին
այդ
գիծը՝
ամուր
բռնելով
տղոցը
ձեռքէն։
Լոյսը
ա՛լ
պակաս
էր
բացերէն։
Պատերուն
ու
քիւերուն
տակերը
արդէն
մտեր
են
սեւին
մէջ։
Ուրկէ՞
ճանչցան,
որ
առեր
էին
մոխիրնոցին
ուղղութիւնը։
Նուաղ
ձայներ
կը
հասնէին
սակայն
իրենց,
տրտում
ու
բոլորովին
թարմ
սիրերգէ
մը։
Խոր
ու
սրտառուչ
եղանակ
մըն
էր,
ամիս
մը
առաջ
բուսած
էր
քաղաքին
մէջ,
եղերական
մահ
մը
դրուատող։
Սողոմը
յիշեց
Նալպանտենց
հարսը,
ու
սարսռաց։
Վասնզի
երգին
մէջ
կը
պատմուէր
իր
աղէտին
յար
եւ
նման
պատահար
մը,
նոր
հարսի
մը
գլխուն
թափող,
երբ
հարսնուկը
գութ
կը
պաղատէր
փորի
անմեղին
համար,
բայց
կը
դաշունուէր։
Զինուորութենէ
դարձած
երիտասարդ
մըն
էր
ոճրագործը,
որուն
նշանածը
չէր
սպասած,
ու
ամուսնացած
թէ
առանց
ատոր
յղի
մնացած,
այդ
կէտը
կը
մնար
անյայտ,
բայց
հարսնուկը
կը
մեռնէր,
այդպէս
պաղատելով
գո՜ւթ,
գո՜ւթ՝
փորի
անմեղին…։
…։
Խումբը
շեղեցաւ։
Անցքը
հատեր
էր
ցածուկ
կամարի
մը
տակ,
մզկիթներու
դուռներուն
վրայ
կլորցող
բան
մը
յիշեցնող։
Կէս
ժամ
առաջ
կալանաւորները
անցեր
էին
ատկէ։
Ու
կէս
ժամ
վերջը,
շրջապատին
վրայ
կը
յամենար
կիսածանօթ
այն
հովը,
որով
տեղաւորուած
են
մեր
մէջ
անգամ
մը
տեսնուած
պատկերները։
Ա
րեւին
լոյսը
բոլորովին
անզօր՝
պարզելու
տեսարան
մը
անձնաւորող
մանրամասնութիւնները,
թէեւ
սիւնէ
սիւն,
երկաթ
ձողերը
կամարին
ոտքերը
բռնող
երկկողմանի
պատուանդանները
դեռ
մաս
մը
գիծ
կը
պահէին
անվթար։
Խոշոր
մարմարներուն
վրայ
երկաթ
կրունկներու
զարկը
սիրտի
կը
դպէր։
Ու
լռութիւն։
Գարավանա
ն
նոր
լակած
շրթներուն
գարշահոտ
սոխրացը։
Գովուշին
կաշեբոյր,
նոխազային
կծուութիւնը։
Ժանգի,
գազանութեան
համախառնուրդ
աշխած
հով
մը,
քրտինքէն
տարբեր
այն
գէշ
ու
նենգ
հոտը,
որով
կարգ
մը
վայրեր
կը
տեղաւորուին
մեր
ռունգերուն։
Ժանտարմաներէն
մէկուն
բերանէն
թանձր
աղտի
պէս
կպչուն
բան
մը,
տակաւին,
օխա
մը
սխտորէ
խուսափող
գոլ,
որ
կը
թուէր
հեւալ
ու
մխալ,
այնքան
ակռաներուն
ժահրը
եւ
շունչին
ու
հոգիին
թոյնը
կը
մասնաւորէին
համի
այդ
հեւուքին,
նեղելով,
քիչցնելով
արդէն
կիսաբորբոս
օդը
սա
չայցուած
կամարին։
Բանտին
փայտանո՞ցը։
Ածխանո՞ցը։
…Սպանդանո՞ցը։
-
Հայտէ,
Սիւլէյման։
Սողոմը
գլուխը
դարձուց։
Հասնող
ն
էր
ուրիշ
մը,
հաւանաբար
ան
ալ
Սիւլէյման
մը։
Վաւերական
հսկայ
մը,
համաչափ
սակայն,
ըմբիշի
փարթամ
կազմով։
-Ուշացար,
Սիւլէյման
Փէյլիվան
։
Ըմբիշը
չպատասխանեց։
Քրտնած
կը
թուէր,
աճապարելուն։
Ու
անոր
շնչառութեան
կշռոյթը
լսելի
էր
երեքչորս
քայլ
հեռուէն։
Ահագին
իր
թեւը
պտըտցուց
պեխերուն,
այնքան
առատ,
որ
նշմարելի
էին
մութէն,
զատուելով
իբր
երկթեւ
խուրձ
մը,
ականջները
հասնող։
Միւսներուն
քիչ
ու
կարճ
պեխերուն
մօտ,
փարթամ
սա
ուռճացումը
կը
զարնէր
ուշի,
նեղ
ու
լեղի
ահով
մը
տպաւորելով
ճիղճ
մարմինները
հայերուն։
Միւս
ձեռքին
ձողեր,
տրցակով։
Ու
ձողերուն
ծայրին,
ջահերուն
լաթեղէն
փաթաթները,
որոնք
կը
հոտէին
ծթռած
ձէթ
մը,
ինչպէս
ճշդեց
Սողոմին
քիթը,
եղին
երկիրէն,
այնքան
նրբազգած՝
խաղաղութեան
ծառին
այդ
դեղնորակ
հոգիին։
Ջահե՞ր…։
Ձմրան
որքա՜ն
գիշերներ,
Սողոմենց
տղան
ջահով
այդ
գնացքը
կատարեր
էր
ձիւներուն
մէջէն
Տէրընտասին
եւ
ուրիշ
տօներու,
խարոյկներու
պարին
մէջէն։
Տասնապետը
բացաւ
ցածուկ
դուռը։
Մութ,
որ
հաստ
էր,
«ձիւթի
պէս»։
Նոյն
ատեն
տամկութեան,
բորբոսի
զօրաւոր
այրում
մը,
որ
անոնց
ռունգերէ
ն
զատ
մարմինն
ալ
կսկծեցուց
քիչ
մը։
Լուցկի
մը
վառեցաւ։
Ու
եղաւ
կիսապայծառ,
դողդոջ
ուրուայնութիւնը
մը,
դէպի
հեռիները
մղձաւանջային
ծաւալումով։
Անմիջապէս
մօտիկ,
դուռին
ճիշդ
ետին,
ջաղացքարի
մը
պորտին
վրայ
կը
հանգչէր
հարսնիքի
մեծկակ
լապտեր
մը։
Ապակիներուն
վրայ
ոչ
մէկ
փոշի,
ընդհակառակն,
մատերու
աղտոտ
հետքեր,
որոնք
կը
զատուէին
պղտոր
իրենց
կոճակներովը
ապակիին
մաքուր
երեսակներէն։
Լուցկին
կրկնեցին,
մինչ
ուրիշ
մը
բացեր
էր
լապտերին
դռնակը։
Թեթեւ
ու
էգ
ու
նենգ
ճռինչ
մը,
որ
գետին
ինկող
մետաղի
մը
պէս
տպաւորեց
հայերը։
Անոր
մէջ
տեղաւորուած
աշտանակը,
եռաստե՛ղ,
հարսանեկան
նարօտէն
միայն
պակաս։
Մոմերը
շուկայէն
նոր
գնուած,
վասնզի
դեռ
կը
պահէին
իրենց
ցռուկը
ճերմակ։
Սողոմը
տեսաւ
ասոնք
պատճառներով,
որոնք
պարզ
ըլլալու
են
մեր
ընթերցողներուն։
Անոնց
ուղիղ
ու
ցուրտ
սլաքները
մահաբեմեան
տրտմութիւն
մը
ստեղծեցին
տիրացու
տղուն
մէջ,
որ
«Ի
վերին
Երուսաղէմ»
ոլորակած
պահուն,
աչքը
կը
մանրէր՝
լեզուակներուն
լոյսը
ընելով
բիւրաղի
շամանդաղում,
«երկինքի
թագաւորութեան»
պատկեր
մը
շինելով
լոյսերուն
այդ
փոշիներէն,
ու
մահուան
կսկիծը
այդ
խաղին
մէջ
ծիածանելով։
Քանի՜քանի՜
հարիւր
հեղ
անոր
սրտառուչ
ձայնը
անմուրատ,
այսինքն՝
երիտասարդ
մեռելներու
գլուխ
անցեր
էր
այս
սարսուռէն։
Անիկա
հասարակաց
պարտքի
մը
պէս
կը
վճարէր
ի
ձայնին
տուրքը
այդ
վշտահար
ամբոխին։
Առանց
այդ
եղանակին
մեռելին
տէրերը
կը
կարծէին
թերացած
ըլլալ
իրենց
սիրականին
վերջին
հանգիստին
առջեւ։
…
Մոմերը
վառուեր
էին։
Ու
անոնց
ցոլքին
տակ,
պաղ,
սեւորակ,
բայց
բաւ՝
ճշգրտուեցաւ
դեղին
պատկերը։
Գրեթէ
նոյն
կամարը,
խայտխայտ
աղիւսով,
որ
այդ
գետնուղիներուն
ընթացիկ
ոճը
կու
տար։
Նոյն
յատակը,
ձիւթ,
հող
թէ
քար,
դժուար
էր
զանազանել։
Ա՞ն՝
ուրկէ
ելեր
էին
ք
անի
մը
ժամ
առաջ,
թէ
ուրիշ
մը։
Նկո՞ւղ
կը
դառնային։
Երեքն
ալ
այցուեցան
այս
մտածումէն։
Բայց
քիչ
մը
քալուածք
սրբեց
այդ
հաւանականութիւնը։
Ի՞նչ
էր,
որ
կը
միջամտէր։
Ջահե՞րը,
որոնց
դեռ
չբռնկած
գլուխներէն
մոմերուն
լոյսը
գիծեր
ու
տողեր
կը
ստեղծ
է
ր,
թէ
գազանատիպ
սա
մարդոց
անզգած
ու
լուրջ
լռութիւնը,
որ
հերքումն
իսկ
կ’ըլլար
անոնց
սորված
ճշմարտութիւններուն,
սա
ամայութեանց
ներսը։
Թուրքերը
պարտաւոր
էին
հայհ
ո
յել,
թքնել,
առնուազն
աքացիով
քանի
մը
հեղ
գետին
տապալել
քոմիթաճիները,
երբ
կը
քշէին
զանոնք
վար,
հարցաքննութիւններէն
յետոյ,
իրենց
ծակը։
Սովորական,
թափթփուկ
ժանտ
ա
րմաներու
հետ
անոնց
հաստատ
փորձառութիւնը,
հոս՝
իր
պակասովը,
նեղիչ
բան
մը
ունէր
հայերուն
սիրտին,
սա
ամեհի
մարդոց
հետ,
որոնք
իրենց
դէմքերը
կը
զգուշացնէին
լոյսէն։
Այս
զգայութենէն
զատ,
անոնց
մէջ
կ’աշխատէր
ուրիշ
ալ
«հեղանիւթ»
մը,
որ
մարմինն
է
այս
գետնափոր
կայքերուն։
Անգամ
մը
անոնց
մէջ,
մենք
կը
պատկանինք
«ստուերներու
թագաւորութեան»։
Այս
զգայութիւնը
կը
խանգարէ
շատ
բան
մեր
մէջ,
առաւելապէս
մեր
տեղաւորուիլը
միջոցին
մէջ։
Ու
կը
խորհինք,
կը
զգանք,
մահուան
մթնոլորտի
մը
ընդմէջէն։
Սիւլէյման
Փէյլիվանը
դանդաղումով
մը
ելաւ
Սողոմին
կուշտին։
Կարծր
այդ
մօտութիւնը,
Նալպանտենց
հարսը,
դուրսի
Եղնիկը
նոյն
գիծով
իրարու
յաջորդեցին
անոր
ջիղերուն
ճամբաներէն։
Ինչո՞ւ։
Կը
քալէր
ու
կը
հարցնէր
պատճառը,
որ
քոմանտան
փաշային
սեւամորթ
պահակը
կը
պահէր
բռնի
անոր
ուղեղին։
Առանձնացած
սենեակին
մէջ,
այդ
արաբը
խստօրէն
պատուիրած
էր
իրեն
ըսել
գիտցածը,
առանց
վախնալու,
ամէն
գնով։
…Քալեցին
ու
անոնց
աչքին
կոյր
փորուածք
մը,
նոյն
կամարումով,
որ
ուրուացաւ
ու
մեռաւ։
Ո՞ւր
կ’երթար
այդ
ուղին։
…Սեւամորթը
կրկին
բռնացաւ
Սողոմին
ուղեղին։
Անիկա
կը
խօսէր
քոմանտան
փաշային
բերանէն,
յետոյ՝
ուրիշներու
բերանով,
անունն
անյայտ,
շահեկան,
մեծ,
ամենակարող
ուրիշներ,
սանկ
փափուկ
ու
քիպար,
որոնք
Սուղում
օղլու
Սուղումին
բարիքը
կ’ուզէին։
…
Քալեցին։
…Սեւամորթին
ոճը
ունէր
ընտանի,
կիսասքող
խոստումներ։
Անիկա
չէր
ճշդած
անունները
այդ
ուրիշներուն,
բայց
պայծառ
կերպով
պատկերած
էր
արժէքը
իր
բարիքը
ուզողներուն։
Սեւամորթը
աշխատեր
էր
իր
պարագան
զատելու
քոմիթաճիներէն,
հրաւիրած
զինքը
բացէ
բաց
յայտնելու
այդ
մարդոց
մասին
իր
բոլոր
տեղեկութիւնները։
…Եղնի՛կը,
իր
քովնտի
մարմինովը,
աչքին
խոնաւ
տրտմութեամբը։
Մօրը
ձայնը,
հրամայող
սպային,
որպէսզի
արտօնուին
ծարաւները
ջուր
խմելու…։
Կա՞յ
աւելի
դժբախտ
բան
մը,
քան
մեր
ուղեղը,
որ
զինքը
հարուածող
հազարաւոր
զգայութիւնները
պարտաւոր
է
որոշ
չափով
գոհացնել,
ինչպէս
եւ
զինքը
հիմնագրաւող
տարրը
պահել
առաջին
փլանի։
Մենք
կ’ապրինք
մեզ
բզկտելով։
Հետզհետէ
կամարը
կը
լայննար։
Խոնաւ,
անշարժ
մութը
հազիւ
կը
պղտորուէր
իր
ընդերքներէն։
Շղթան
կանգ
առաւ։
Մեծկակ
դուռ
մը։
Ու
տեսան,
որ
ան
էր,
որուն
առջեւէն
անցեր
էին
նկուղէն
դուրս
ելլելու
ատեն։
Գետնափոր
ուղին
կիսաղեղ
տարածութեան
մը
փոխուեցաւ
անոնց
ձախին։
Պայտի
մը
երկու
թեւերը
յիշեցնող
ձեւով
մը
ապառաժին
մէջ
փորուած
կը
թուէր
այդ
համաչափ
վէրքը։
Պայտին
թեւերը
կը
սկսէին
հնօրեայ
թակոյկներով,
մէկ
մեթր
հասակով,
առասպելական
գաւաթներու
նման
նստած
իրենց
ոտքերուն
վրայ։
Լապտերին
լոյսը
անոնց
փորին
ճառագայթներ
շողացուց։
Յայտնի
է,
թէ
ջուր
էր
սրսկուած
անոնց
երեսին։
Պատերուն
ոտքին՝
դոյլեր՝
ջրհանկիրներուն
կտաւէն։
Ու
տակառիկներ,
բոլորն
ալ
քար,
հաւանաբար
շատ
հին
ծագումով,
որոնց
մէջ
ջուրը
սեւ
արիւնի
կը
նմանէր։
Այս
չարագուշակ
հանդերձանքը՝
հրդեհի՞,
թէ
ուրիշ
աւելի
պղտոր
կարիքներու
համար։
Դուռը
բանալէ
առաջ
Սիւլէյման
Փէյլիվանը
հարցուց։
-
Քոմիթաճի
Մատէուս,
ըսելիք
բան
մը
ունի՞ս։
Մաթիկը
չպատասխանեց։
-
Խոզի՛
զաւակ
խոզ,
չե՞ս
լսեր։
Հազարապետ
փաշան
ինծի
պատուիրած
է
հարցնել
քեզի,
ունի՞ս
ըսելիք։
-
Չունիմ։
-
Քու
գիտնալիքդ
է
ատիկա։
Ու
բացաւ
պատի
աղեղին
խորքը
գրաւող
դուռը։
-
Ջահե՛րը։
Վառուեցան
անոնք
ալ։
Ու
անոնց
անկայուն
լեզուէն
մուխոտ
ու
պղտոր
լոյսը
թուրքերը
ըրաւ
գրեթէ
տժգոյն։
Տեսարանին
խուլ
խռովքը
մէկէն
գտաւ
իր
ծանրութիւնը։
Միջին
դար.
հաւատաքննական
տանջանքներու
յուշեր.
թուրքին
ամբողջ
անասնութիւնը՝
Մաթիկին
ջիղերուն
վրայ
յստակ
իրականութիւն։
Քանի՛
կը
շարժէին
ջահերը,
ա՛յնքան
պահը
կը
խորանար։
Ժանտարմաներու
շրթները
փոքր
վէտի
մէջ։
Ու
անոնց
ճակատը՝
ակօսաւոր։
Դուռէն
ներս։
Կիսալուսնի
ձեւով
կառոյց
մը։
Հողին
տակ,
մէջէ
մէջ
սենեակներէ
անցնող
մը
միայն
կը
զգայ
սա
արհաւիրքը,
պայմանաւ,
որ
հնաբանութեան
ուսանող
մը
չըլլայ,
այլ՝
հա՜յ,
կալանաւոր,
հսկուած
տասը
մարդերէ։
Եւրոպացի
զբօսաշրջիկները,
որոնք
թուրք
հանըմներուն
մարմինը
աւելի
խոր
ու
յուզումով
վայելելու
համար,
այդ
տեսակ
տեքորներ
սիրեցին,
անշուշտ
պիտի
չայցուէին
սա
պատկերներուն
անասելի
թրքութենէն։
Այդ
կառոյցին
ոճն
ալ
կը
կրկնէր
կիսաղեղի
նոյն
դրոշմը։
Սենեակ,
սրահ,
ո՛րը
որ
կ’ուզէք։
Հանուած՝
ապառաժէն,
կովի
եղջիւրներու
նման,
կառոյցին
մարմինը
կը
միանար
կեդրոնէն
ուրիշ
դուռի
մը
վրայ։
Գետինը՝
մերկ
ու
չոր։
Ոչ
մէկ
առարկայ,
բացի
երկու
եղջիւրները
սկսող
երկու
թակոյկներէն,
որոնք
կը
կրկնէին
նախամուտի
զոյգը։
Մատի
հաստութեամբ
կղմինտրը
այդ
պատերուն
կը
հագցնէր
իրենց
անառարկելի
հնութիւնը։
Պատերը
հիւսուած
են
նոյն
հաշիւներով
ու
ոճով,
ա՛յն
միւսներուն
պէս,
որոնք
քաղաքին
աս
ու
ան
կողմը
կը
շինեն
դիակները,
կործանած
պարիսպներուն,
եղիճին
ու
մորմենիին
տակ
պահող
իրենց
գիծերուն
մութ
կարմրութիւնը։
Ո՛չ
խոնաւը,
ոչ
ալ
երաշտը
ազդեցութիւն
ունին
այդ
շաղախին
վրայ,
որ
հազարամեակներէ
ի
վեր
այնքան
այլազան
քաղաքակրթութիւններ
կը
պարզէ
թուրքերէն
հնարուած
բարբարոս
տարազի
մը
տակ։
Բոլոր
այդ
մնացորդները
թուրքերը
կը
վերագրեն
ճինիվիզներու։
Այս
կառոյցին
ալ
կեդրոնին
դուռ։
Որ
շինուածքով
ու
չափով
կը
բերէր
պատկերը
առջի
երկուքին։
Ու
եղաւ
լռութիւն,
ու
եղաւ
սպասում։
…
Մեծ
լոյս
մը,
որ
աւելցաւ
ջահերուն
դողդոջ
ու
մութ
պայծառութեան։
Ձայն,
հազիւ
շշուկի
մը
չափ։
Գետինը
անարձագանգ
էր
եկողներուն
փապուճներուն
տակ։
Երկու
շատ
խոշոր
լապտերներ։
Որոնց
ետին
շէյխ
Սապիթը
եւ
Օսման
պէյը։
Լապտերները
հագած
էին
ենիչէրիի
փայտեայ
արձանները
յիշեցնող
տարազ։
Սեւ
անոնց
դէմքին
վերեւ
ձիւնի
պէս
բաց
փաթթոցը
կը
շեշտէր
աննկարագրելի
այդ
մորթերուն
պճլտուն
սարսափը։
Դեղին՝
իրենց
ակռաներէն,
որոնք
ժանիքներու
սանտր
մը
կը
յիշեցնեն,
պատրաստ
մարդկային
միսը
բուրդի
նման
գզելու։
Զոյգ
դանակներ,
իւրաքանչիւրի
մէջքին,
որ
արիւնի
գոյն
գօտիով
մը
շատցեր
էր,
մարդոց
ինքնին
մեծղի
մարմինը
կրկնապատկող
հաստութեամբ։
Դանակներուն
երկու
ծայրերը,
պոչն
ու
գլուխը
դո՛ւրս,
վասնզի
կանգուն
ու
կէսնոց
իրենց
հասակը
չէր
խղդուեր
գօտիին
ծալքերէն։
Շղթան
ճեղքուեցաւ։
-
Սէլամուն
ալէյքում…
-
Ալէյքում
սէլամ…
Երա՞զ։
«Հազար
ու
մէկ
գիշերներ»
էն
տեսարա՞ն
մը։
Ընկեր
Մաթիկը
մոռցեր
էր
շղթան,
ու
չէր
տեսներ
դողը
Սողոմին,
խորապէս
նուաճուած
այս
ամէնէն
ու
տկար։
Անոր
աչքերը,
չորս
լարուած,
կը
ջանային
գիծ
իսկ
չփախցնել
սա
տարօրինակ
թափօրէն։
Շէյխ
Սապիթը
զայն
տպաւորեց
բացառիկ
յստակութեամբ
մը։
Թո՜ւրքը։
Բայց՝
հարազատը։
Որոնց
ժանիքներովը
կազմուած
ըլլալու
է
սա
քաղաքակրթութիւնը։
Շէյխը
չնայեցաւ
կալանաւորներուն
ու
քալեց
դէպի
դուռը։
Ջահերը
ծռեցան
անոր
ուղղութեամբ։
Երեք
լապտեր
ու
տասը
ջահ
նուաճեր
էին
խաւարը։
Ճշդուեցաւ
դուռը։
Երկաթ,
միակտուր։
Փականքին
ծակը,
որմէ
մատի
հաստութեամբ
սլաք
մը
կը
սուրար
դէպի
դուրս,
փաղփուն
անոր
մարմինին
վրայ
իր
սեւ
փոսը
պահեց։
Ու
չարագուշակ
էր
այս
ամէնը։
Շէյխը
հանեց
մ
է
ջքէն
բանալի։
Ուղիղ
կէս
կանգուն։
Ու
բանալիին
մարմինէն
ողորկ
մաս
մը
լուսաւորուեցաւ
անհաւասար
լոյսով
մը։
Ժանտարմաներու
ձեռքէն
ջահերը
կը
դողային
չեղած
հովէ
մը։
Շէյխին
կանանչ
վերարկուն
շերտշերտ
կը
փայլէր։
Ուղտի
բուրդ
անոր
գդակին
վրայ,
փաթթոցին
մխուած
փետուր
մը,
աղտոտ
ճերմակով։
Գրի՞չ,
թէ
ուրիշ
բան
մը։
Բանալիին
գլուխովը
անիկա
երեք
անգամ
զարկաւ
ժանգահար
դուռին։
Ո՞վ
կ’ուզէր
արթնցնել
այդ
անդունդներէն
ներս։
Ոչ
մէկ
հնչականութիւն։
Փայտը
կը
հազայ,
կ’ըսեն։
Ե
րկաթը
կը
հեծկլտայ։
Կոտրած
ու
բութ
բան
մը,
դարձեալ
բացուիլը
դրան։
Ներս
մտնելէ
առաջ,
անիկա
դարձաւ
կրունկին։
Անոր
հասակը
ցից
էր,
քան
երբ
ե
ւիցէ։
Ձեռքերը
կռնակին
հիւսած
պտըտող
մարդու
անոր
սովորութիւնը
կորացուցած
կը
թուէր
այդ
հսկայ
կռնակը։
Փչեց
երկու
ուսերուն։
Ո՞վ
կը
փախցնէր։
Ու
անոր
դեղնախտաւոր
դէմքին
վրայ
ջահերուն
եւ
մոմերուն
բոցը
ահաւոր
կտաւ
մը
կը
հիւսէր
ու
կ’աւրէր։
Բայց
անժուժելի՝
անոր
դեղնելէն
աւելի՝
գրեթէ
կանանչ
աչքերը,
որոնք
լոյսը
թոյնի
վերածող՝
օձերուն
լեզուին
նման
կը
հեւային։
Տարազը,
կանանչը,
դիմագծերու
լարուածքը,
թերեւս
ամէնէն
շատ
տեղը՝
կը
միջամտէին
`
ստեղծելու
համար
այս
սարսափը։
Անոր
շրթները
կը
դողային։
Աղօ՞թք։
Դարձաւ
առջին։
Ներս։
Ետեւէն
թափօրը։
Թակոյկներու
սենեակը։
Ընդարձակ
գաւիթ
մըն
էր
ասիկա,
հաւանաբար՝
անցեալին
մէջ
հողէն
վեր
մասով
մը։
Բայց
հիմա
ամբողջութեամբ
կլլուած
անկէ։
Տեղտեղ,
պատերէն
փրթած
մասեր,
կը
ցուցադրէին
շաղախի
նոյն
մատնեւոր
յօրինուածքը։
Ձեւը՝
պայտի,
բայց
թեւերը՝
շատ
բաց
իրարմէ։
Գետինը
մեծամարմար
սալարկով։
Իւրաքանչիւր
սալի
հասակը
քանի
մը
մեթրով։
Կեդրոնին
կճեայ
մեծ
աւազան
մը
թափանցիկ
միսերով,
դուրսէն
դրուած
հսկայ
թասի
մը
նման։
Ո՞վ
կը
լուացուէր
այդ
աւազանին
մէջ
թուրքերէն
առաջ։
…Հիմա,
ջո՛ւր։
Փուռի
մը
կամարին
նման
առաստաղը
դանդաղ
խոնարհումով
մը
կը
յանգէր
ճակատէն
սաքուի
մը,
հաւանաբար
քառանկիւն
աւազան
մը
ան
ալ,
խզուած՝
ով
գիտէ
ո՛ր
բարեպաշտ
մարդասպանին
հրամանովը
ու
վերածուած
տեսակ
մը
մեհրապ
ի,
աղօթքի
հատուցման
համար
հանդերձուած։
Բացի
արաբագիր
նախադասութիւններէն,
որոնք
մարմարի
մէջ
փորագրուած,
բռնադիր
բան
մը
կը
թուէին,
ուրիշ
ոչ
մէկ
զարդ,
յիշեցնող՝
ճաշակներն
ու
հոգիին
շէնքը
անդրանիկ
կառուցանողին։
Երեքչորս
գրկաչափ
բարձր
առաստաղին
երկաթ
կեռերը,
որոնց
կիսաղեղը
աւելի
էր,
քան
շրջագիծը
մանուկի
մէջքին։
Թիւով
երեք
այդ
կեռերը,
ճիշդ
կեդրոնին
աւազանին
վրայ,
իրենց
կտուցին
կը
թուէի՞ն
թրթռալ,
թէ
յատակի
ջուրէն
խոնաւութիւնը
կայլակ
էր
հիւսեր։
Ու
թաց,
շուրջանակի
պատերը։
Ա՛յնքան՝
որ
ջահերուն
բոցին
մէջ
կաթիլները
արիւնի
նոյն
մթութիւնը
կը
պատկերէին
ինչ
որ
դուրսն
էր,
առաջին
դրան
մուտքին։
Ամէնէն
ահաւորը
այս
տեսարաններէն
կճեայ
աւազանին
անշարժ
մարմինն
էր,
ուր
ջուրը
անդադար
կը
փոխուէր
համաձայն
տեղափոխուող
ջահերուն։
Ու
անոր
խայտաւոր
երեսին
երբեմն
վերէն
կաթիլ
մը,
արիւնի
գոյն,
կը
ցայտեցնէր
ճշմարիտ
թելեր
մարդկային
արիւնի։
Կը
պակսէին
միայն
սատանաները,
որպէսզի
պատկերը
դառնար
տանթէական։
Մաթիկը
մտաբերեց
մեծ
իտալացիին
անմահ
քերթուածը
ու
դարերը,
որոնց
մէջ
դղեակներու
յատակին
սա
բարքերը
ընթացիկ
էին
ու
չէին
յուզեր
խղճմտանքը
այդ
ջուրերուն
կիներ
խղդող
իշխաններուն։
…Ուրիշ
երկաթ
օղակներ,
մանկան
սրունքի
հաստութեամբ,
մխուած
պատերու
ոսկորներուն։
Առիւծնե՞ր
կը
կապուէին
ատոնց,
թէ
արջեր,
երբ
այդ
գետնարաններուն
վրայ,
բիւթանական
արքայազուն
մը,
մօրը
մեղսակցութեամբ,
իր
եղբայրները
թագէն
զրկելու
համար,
զանոնք
շղթայի
կը
ղրկէր
սա
զնտանները,
կենդանիներուն
կամ
դահիճներուն
կերակուր։
Կամ՝
երբ
ծերունի
իշխան
մը
իր
մատաղատի
կիները
ափափելէ
ետքը,
ձանձրոյթը
փրկելու
համար,
կու
գար
սա
ջուրերուն
ծոցը
ու
խեղդել
կը
հրամայէր
ամէնէն
հինը։
…Չնորոգուած
օդի
շատ
ծանր
հոտ
մը,
եղկ
ու
աղի,
որ
մգլած
պանիրի
համ
մը
կը
յայտնէր,
կճեց
բոլորին
ալ
կոկորդը։
Ժանտարմա
մը
ցատկեց
սաքուն։
Յայտնի
չեղաւ,
թէ
ով
էր
իրեն
հրամայողը։
Իր
նշանով
ջահեր
ու
լապտեր,
զննելու
համար
գետինը,
վասնզի
օձեր,
գորտեր,
կարիճներ
պատահական
են
այդ
անայց
տեղերուն։
Կասկածելի
ոչինչ։
Լոյսին
առատութիւնը
ճշդեց
հասակը
եղջիւրի
մը,
որ
կը
թուէր
բխիլ
պատէն
ով
գիտէ
ի՜նչ
տրամի
իբր
հարցանիշ,
իր
սլաքը
սրելով։
Նոյն
ժանտարման
ուսէն
առաւ
վար
գորգ
մը,
մէկ
մեթրէն
քիչ
երկայն
հասակով,
թուրքերուն
սիրական
սեճճատէ
ն,
որ
աղօթքի
ծառայելով
հանդերձ,
անոնց
տուներուն
յարգի
զարդերէն
մէկն
ալ
էր,
ատեն
մը։
Յետին
աղքատը
ունէր
անոր
մէկ
նմանակը,
առնուազն
սադէ
կամ
խսիրէ։
Չեմ
պատմեր
նամազը,
որ
դասական
զոհաբանութիւնն
է,
ուղղուած
Ամենակալին
ամէն
անգամ,
կռիւէն
ետքը,
երբ
գերիները
մորթելէ
յոգնած,
թուրքերը
յիշեցին
իրենց
Ալլահը
ու
հեշտագին
նուաստութեան
մը
մէջ
օրհնեցին
այդ
Ալլահը
իրենց
օգնած
ըլլալուն։
Այդ
պահերը
մարդերու
կեանքին
անըմբռնելիները
եղան։
Ինծի
անծանօթ
է
անոնց
աղօթքը,
պարտութեան
մը
յաջորդ
ժամերուն։
Տեսայ
զիրենք,
նահանջի
մէջ,
բայց
օրով
մը
ազատ
թշնամիին
հեծելազօրքէն։
Վախկոտ
էին,
տժգոյն,
եղկելի։
Ու
չէին
աղօթեր։
Թակոյկներու
սենեակին
սա
արարողութեան
մէջ,
յատկանշականը՝
խստութիւնն
էր
շէյխ
Սապիթին,
տարօրէն
պահանջկոտ,
պարտադիր
ապտէսթին
փոքր
մանրամասնութեանց
մէջն
իսկ։
Ջրամանը
բռնողը
յանդիմանուեցաւ
չունեցած
մեղքին
համար։
Մարդիկ
իրենք
զիրենք
կարծրացնելու
համար
կը
կեղծեն,
առանց
զգալու,
թէեւ
այդ
դիտողութիւնը
չի
պատշաճիր
շէյխ
Սապիթին,
մօրը
փորին
մէջ
իսկ
կեավուրին
հանդէպ
կած
ու
կրա՜կ։
Բայց
զուր
տեղը
չէ,
որ
մարդ
իրեն
մեծհայրը
Արաբիստանէն
կը
բերէ։
Զուր
չէ,
որ
կրօնքի
պաշտօնեայ
կ’ըլլայ՝
եթէ
հայ
մը
մորթելու
ատեն
պէտքը
պիտի
զգայ
այս
կարգի
թելադրական
միջոցներու։
Անիկա
իր
խորութիւնը
նոյն
կշիռով
կը
բեռցնէր
իսլամներուն
ալ
վզին։
Ու
անոր
դառն
հեղինակութիւնը
շնորհն
էր
հոգեկանին
դէմ
սա
անգթութեան։
Անիկա
կզակներն
էր
խորտակեր
դիւանի
էֆէնտիի
մը,
որ
յանդգներ
էր
իր
ներկայութեան
ծոմը
աւրել
Ռամազանի
օր
մը
`
իրար
անցընելով
այդ
տաիրէն,
մինչեւ
խալիֆան
հեռագրել
սպառնալով…։
Հայհոյեց
ժանտարմային,
որ
անոր
փապուճներուն
քիթերը
չէր
բերած
նոյն
գիծին,
երբ
հանեց
զանոնք՝
սաքուն
բարձրանալու
համար։
Ու
ահագին
անոր
մարմինէն
ճարճատումի
հեծքեր,
ոսկորներու
եւ
յօդերու
չթռտուքը,
շունչին
աշխը
ու
սօսափը
հաւասար
ծորումով
կը
դաշնաւորուէին
օրհնութեան
այաթներուն։
Անոր
լայն
կռնակը
կատարեց
պահանջուած
հաստատ
շարժումները,
խղճամիտ,
երկար
ու
հարազատ,
որոնք
իսլամին
աղօթքը
խօսուն
սինեմայի
մը
չափ
բուռն
ու
տպաւորիչ
կ’ընեն,
երբ
զգայական
բուռն
ու
տպաւորիչ
պատկերներ
յատակ
կը
ծառայեն
այդ
հոգեմարզին
`
բառը
առնելով
մարմինին
հակադիր
իմաստովը։
Այդ
պահերուն
անոնց
հոգին
իսկապէ՛ս
որ
վեր
է
աշխարհէն։
Յիսունէն
վեր
մարդ
այդ
կատաղութիւնը
կը
փոխադրէ
արիւնին
վրայ,
երբ
սեռը
յոգնութիւն
է
անոր։
Չեմ
մօտենար
հայերուն
հոգեվիճակին,
որ
գրելու
արուեստը
կաշկանդող
ներկայ
օրէնքներով
դժուար
թէ
նուաճուի։
Քառորդ
այդ
ժա՜մը,
ամէնէն
աւելի
յստակ՝
Մաթիկին
ուղեղին։
Զոր
րոպէ
առ
րոպէ
պէտք
էր
բռնել
ու
կենալ,
պահը
յօրինող
սարսափին,
յուզումին
ու
յուշերուն
անպարագրելի
տարափին
ներքեւ։
Զոր
զգացին
սակայն
մեր
միլիոնաւոր
եղբայրներն
ու
քոյրերը,
զատ
զատ
տեքորներու
մէջ,
բայց
հոգեկան
նոյն
ճնշումին
ներքեւ…։
Պիտի
ընեն
այդ
վերլուծումը
թերեւս
ապագայ
դարեր,
երբ
գիրերուն
տեղ
գրագէտը
գործածէ
ուրիշ
տարր
մը
ու
գրելու
արուեստը
այսօրուան
պէս
գերին
չըլլայ
տրամաբանող
տարրին։
Յայտնի՞ն։
-
Անձուկը
Սողոմին,
նուաղման
շեշտ
վախով
մը։
Վասնզի
անոր
դեռ
թարմ,
անկազմ
հոգիին
մէջ,
թուրքերուն
սա
նամազը,
ջարդէն
կամ
սպանութենէն
առաջ,
կտաւ
էր
պայծառ,
սարսափահիւս,
տարօրէն
իրական,
հեքիաթէն
ինկած
իր
մէջ,
կամ
աւելի
ճիշդը՝
Հայաստանէն
հրաշքով
իրենց
գեղը
հասնող
բեկորներուն
բերանէն,
որոնք
96ի
ջարդերը
կը
պատմէին
ականատեսի
իրենց
ցնորեցնող
սառնութեամբ,
պատերուն
մէջէն,
ուր
պահուած
էին,
երբ
մեծափաթթոց
մոլլաներ
կը
կապէին
պատանիները,
չորսըհինգը
նոյն
չուանով,
զոր
անոնց
մայրը
կը
բերէր
իր
չորնալիք
ձեռքերով,
ու
կը
շարէին
պատին
դէմ,
անոնց
աչքին
տակ
երկարելով
սուրերը
ու
կը
նստէին
նամազի,
այս
անգամ
անձնապաշտ
բարիքի
մը
մեծվայելուչ
խաղաղութեամբը,
ու
կ’աւարտէին
արարմունքը
դանդաղ,
յօրանջուն,
առանց
ծունկերնուն
լարուածքը
աւ
ր
ելու,
կէս
շրջան
մը
դառնալով
ետ,
գլուխով,
իրենց
սուրերը
հրամայելով
բերել
զոհերուն,
զանոնք
ձգելով
գետին
ուրիշներու
բազուկներովը,
ճիշդ
առջեւը
այդ
նամազի
սեճճատէին,
ու
կը
մորթէին,
այաթը
այաթին
հասցնելու
ուշադիր,
գանելով
արիւնէն
ու
քսելով
զայն
իրենց
կաշի
մեսթ
երուն
(հողաթափ)…։
Այս
բարքերն
են
ահա,
զոր
թուրքերը
կը
յաւակնին
ներկայացնել
աշխարհին
իբր
ինքնատիպ
քաղաքակրթութիւն։
Յայտնի՞ն։
-
Ուրիշ
պատկեր
մը,
ասի,
ընկեր
Մաթիկի
ուղեղին
մէջ,
որ
կը
յիշէր
Մոսկուայի
համալսարանին
մէկ
դասախօսը,
մասնագէտ
արեւելեան
կրօնքներու
պատմութեան,
որ
տարիին
մէջ
օր
մը,
իր
դասաւանդութիւնը
ընելու
համար
աւելի
տպաւորիչ,
արաբական
շէյխի
մը
տարազովը
զգեստաւոր,
դասական
նամազը
կը
մատուցանէր
բազմաթիւ
ուսանողներուն
լուռ
խռովքին
մէջտեղ։
Շէյխ
Սապիթը
այդ
համալսարանին
հոյակապ
դասախօսն
էր
անշուշտ։
Մարդերու
միտքը
աւելի
տարօրինակ
է,
քան
մարդերու
սիրտը։
Այս
վերջինը
կնիքին
տակն
է
զգացումներու
մեծ
մագնիսին։
Մի՞տքը։
Անիկա
սանձէ
զերծ
մասն
է
մեր
մարմինին
ու
աւելի
դժբախտ
անշուշտ։
Ջահերուն
բաբախուն
լոյսէն
քիչ
հեռու,
պահելով
մուտքի
իր
տեղը,
էֆգաֆին
ընդհանուր
տնօրէն
Օսման
պէյը
ուշքէ
հեռու
կը
թուէր,
վասնզի
ոչ
ոք
զբաղած
էր
իրմով։
Աղօթքին
ամբողջ
տեւողութեանը,
ժանտարմաները
առանց
զգալի
ընելու,
հետեւեցան
շարժումներուն։
Անոնց
ալ
շրթներէն
բաժին՝
անշուշտ,
մատուցուող
գոհաբանութեան։
Դէմքին
խոհուն
ու
արգահատող
բան
չինար
մեծ
հայրենասէր
տնօրէնը
յոգնա՞ծ՝
արիւնէն
առաջ։
Անիկա
հայ
չէր
մորթած։
Բայց
իր
տղոցը
դանակներով
ինկող
մարդկային
զոհերուն
պատկերները
խուժեր
էին
վրան
սա
պահուն։
Հիւանդագին
իր
հետաքրքրութի՜ւնը՝
անձամբ
ստուգելու
սպաննուածներուն
վերջին
վիճակը,
լալով,
անէծքով,
սպառնալիքով
եւ
ուրիշ
բաներով
խառնուած
այն
քանի
մը
վայրկեաննե՜րը,
որոնք
հողին
ծածկոյթը
կը
կանխեն։
Քանինե՜ր
կային
փորագրուած
անոր
ուղեղին…։
Առաջին
պատեհութի՛ւնը՝
սպանդը
մօտէն
տեսնելու…։
Իրողութիւն
է,
որ
ջղային
պրկումով
անիկա
սեղմեր
էր
ափին
երկու
փայտ,
մարդկային
թեւի
մը
երկարութեամբ,
ջահեր
ասոնք
ալ,
քանի
որ
լաթով
փաթթուած
մաս
մը
ունէին,
բայց
առանց
եղի։
Նամազին
տեւողութեամբ
ժանտարմաներ
մօտեցան
անոր,
վառելու
համար,
բայց
հեռացան
գլխի
անոր
ժխտական
շարժումով։
Միւս
կողմէ՝
նոյն
այդ
նամազին,
անոր
աչքը
չբաժնուեցաւ
փայտերուն
ճերմակ
վիզէն,
վասնզի
իրօք
վիզի
ձեւ
ունէր
անոնց
այդ
վերի
մասը։
Անոր
շրթներն
ալ
կը
թրթռային։
Աղօ՞թք՝
թէ
ուրիշ
բան։
Կը
թուէր
յոգնած,
բեկուած։
Շէյխը
իջաւ
սաքուէն։
Աւարտած
աղօթքէն
դեռ
փշուրներ
կը
թափէին
մօրուքն
ի
վար։
Գունատ
անոր
ֆէսին
վրայ
լոյսը
կ’աղտոտէր։
Փորը՝
դուրս։
Ողնայարը՝
պիրկ։
Մինչեւ
աւազան
չորս
քայլը
անիկա
ըրաւ
թունաւոր
խաղաղութեամբ
մը։
Աւազանին
քով,
ուր
կիսաղեղ
կը
կենային
երեք
կալանաւորները,
անոր
դէմքը
գտաւ
մէկէն
անբացատրելի
իր
խստութիւնը։
Առանց
բառի,
ինք
իր
մէջն
իսկ
եռացող
զայրոյթին
տուրքն
է
ասիկա
կարգ
մը
մարդոց
մօտ,
որոնք
արեան
խուժումի
վախի
մը
ենթակայ,
կը
լռեն,
բերան
չբանալու
համար։
Ու
այդ
խորութեան
մէջ,
անոր
միակտուր
անձը,
վերէն
վար
պարզեց
մահուան
խաղաղութիւնը։
Անոր
կանանչ
անձին
կանանչ
ահը
կը
թուէր
լքած
ըլլալ
անոր
դէմքը։
Մանր
աչքերը,
ինչպէս
օձի
մը
սլաքը,
անիկա
սեւեռեց
ուղղակի
Մաթիկին
բիբերուն։
-Կապեցէք
ատիկա։
Տարօրինակ
էր,
որ
շրջապատը
զինքը
հասկցաւ
ուղիղ,
վասնզի
անոր
նայուածքը
չէր
բաժնուած
Մաթիկէն
եւ
ցուցամատը
ճշդեր
էր
Սողոմենց
Սողոմը։
Կապեցին
տղան,
թեւերը
կռնակին,
ամուր
ու
անգութ։
Կան
րոպէներ,
երբ
ցաւը
կը
շոգիանայ
աւելի
խոր,
մեր
միսին
աւելի
ահազդու
ուրիշ
զգայութիւններու
հեղեղի
մը
մէջ։
Սողոմը
վախցեր
էր
պոռալու։
Յետոյ,
առանց
որ
հրաման
մը
գար,
ժանտարմաները
կապեցին
անոր
ոտքերն
ալ
իրարու,
կոճերէն,
նոյնքան
ամրօղակ,
բարակ
չուանով,
քաշելով
խիստ
անոր
մարմինը
աւազանէն
դէպի
ետ։
Թեւերը
կռնակին
կապող
պարանը
հինգվեց
կանգուն
աւելցեր
էր։
Անոնք
այդ
աւելին
անցուցին
պատէն
կախ
մեծկակ
օղակի
մը,
ու
փաթթեցին,
մէկ
կանգուն
ազատ
ձգելով,
որպէսզի
մարմինը
կարողանար
խոշոր
շարժումներ
կատարել,
ծունկ
կոտրելու
չափ
մինչեւ
գետին։
Արիւնոտ
դաշոյն
մը,
տղուն
ոտքերուն
մօտ
քիչ
մը
դանդաղ՝
կտրեց
կոճերէն
աւելցուկ
պարանը։
Ոչ
մէկ
բառ,
ոչ
ոքէ։
Չարչարանքը
կը
սկսէ՞ր։
Անոր
մտքին
մէջ
այս
տեսարանները
գրեթէ
անծանօթ
չէին,
վասնզի
այցուած
էր
Դարբին
Թորոսին
պատժումէն։
Այսպէս
կապկպելէ
ետքը,
Դարբինին
ոտքերը
զոյգ
կոխած
էին,
հնոցի
մէջ,
կամաց,
մաղմաղ
կրակի
վրայ
եփի
դրուած
արջառի
սմբակներուն
նման։
Սողոմը
աչքով
փնտռեց
ու
սպասեց
դուրսէն
բերուելիք
կրակարանի
մը։
Անոր
ակռաները
կը
խածնէին
իր
հոգին,
ինչպէս
կ’ըսէին
իրենց
գեղացիները,
պատկերելու
համար
ցա
ւ
ին
դէմ
տալու
վճիռը
իրենց
մէջ։
Աչքերը
մնացին
չոր։
-
Կապեցէք
ատիկա։
Օդէն
նետուած
այս
հրամանը
հասկցուեցաւ
նոյն
զարմանալի
ճշդութեամբ։
Ո՛չ
աչք,
ո՛չ
մատ
շարժեր
էին։
Կապեցին
Մաթիկին
երկայնահասակ
ընկերը,
բայց
տարօրինակ
խնամքով,
որ
խոտոր
կը
համեմատէր
պահին
ճնշումին։
Չորս
ձեռքերը,
չուանով
կը
հիւսէին
անոր
մարմինը
վերէն
վար,
ու
պատնող
մատներու
չոր
ձայն
մը
կը
թփրտար
անծակ
լռութեան
մէջ։
Ե
րկայնահասակ
երիտասարդը
դեղնած
էր
չափազանց։
Ոչ
մէկ
շշուկ
սակայն,
նո՛յնիսկ
այն
պահուն,
երբ
չուանին
ցանցը
անոր
վանդակը
սեղմեց
սաստիկ,
կոպերը
ճեղքելու
աստիճան,
շունչը
կտրելով։
Նաւ
մը
անշարժացնելու
բաւող
չուանը
խաչաձեւ
դարձաւ
կռնակին
վրայէն
դէպի
թեւերուն
տակը,
հանգուցեց
ուսերը,
հիւսուեցաւ
ծոծրակին
ետին,
ինք
իր
վրայ
`
ձգելով
զայն
բոլորովին
ազատ։
Աւելցածը՝
երկուերեք
մարդու
հասակով։
Ձգեցին
այս
մեծ
պոչը
գետին,
մինչ
աչքով
կը
չափէին
առաստաղկամարէն
երկաթին
հսկայ
կեռը,
հարցական
պարոյկի
մը
պէս
մխուող
մութ
բանէ
մը
ներս։
Երիտասարդը
տեսա՞ւ
այդ
մանրամասնութիւնը։
Շրջեց
աչքերը
վար։
Ու
հակառակ
անոր,
որ
մարմինին
փաթթուած
ամէն
գալարք
զայն
կը
խածնէր,
ան
ալ
սեղմեց
ակռաները
ու
չունեցաւ
արցունք։
Ետին,
քովերուն,
առջին,
մէյմէկ
մարդ,
արգիլելու
համար
անոր
գետին
հոսումը։
-Օսման
պէյ։
Էֆգաֆին
տնօրէնը
անցաւ
առաջ։
Անիկա
քիչ
մը
կքած
կը
քալէր։
-
Առէ՛ք։
Շէյխ
Սապիթին
իւրաքանչիւր
հրամանին
կ’ընկերանար
լուռ
շարժուձեւ
մը,
զոր
ունկնդիրները
կը
հասկնային
արտակարգ
արագութեամբ։
Դա՞ս
մըն
էր,
որ
կը
կրկնուէր,
թէ
մարդիկ,
առանց
բառի,
զգայուն
են
կարգ
մը
ախորժակներու։
Առնուածնե՞րը։
Օսման
պէյին
ձեռքէն
երկու
փայտերը։
-Բերէք
ատիկա։
Բերուողը՝
Մաթիկ
Մելիքխանեանց,
կովկասցի,
Մոսկուայի
բժշկական
համալսարանին
ատամնաբուժական
սեքցիա
յին
անաւարտ
ուսանող,
հայ
յեղափոխական։
Ո
ր
անցեր
էր
սահմանը,
Վանը,
Տարօնը,
Կիլիկիան,
Բարձր
Հայքը,
Փոքր
Հայքը
անպատմելի
ոդիսականի
մէջ,
ու
հասեր
Պրուսայի
նահանգը,
ձերբակալուեր,
ինքնամատոյց
բարութեամբ,
իր
պատճառով
բանտ
ինկած
գեղացիները
ազատելու
համար
ու
կը
մտնէր
սա
րոպէին
մահուան
մէջ
։
Թեթեւ
մը
դեղնած՝
անիկա։
Ջահերը
աղօտե՞ր
էին,
թէ
մահը
ընդունելու
անոր
որոշումը
զինքը
կ’ընէր
գրեթէ
անզգած։
Դուրսէն
ամէնէն
դաժան
մղձաւանջն
է
անիկա,
մահը։
Անոր
մէջ
մտնողը,
կ’ըսեն,
կը
փոխուի։
Օսման
պէյէն
առնուած
փայտերը
Սիւլէյման
Փէյլիվանը
եւ
տասնապետը
յարմարցուցին
Մաթիկի
ն
թեւերուն
`
վերէն,
ուսոսկրէն
սկսելով։
Լաթով
փաթթուած
մասը
անոր
դաստակին
կը
կպէր։
Յետոյ՝
բարակ
առասան
մը,
վարժ
շարժումներով
միսն
ու
փայտը
հիւսեց
իրարու
վերէն
վար։
Բեկաբո՞յժ,
սա
անոպայ
կենդանիները։
Մաթիկը
չունեցաւ
ոչ
մէկ
ընդդիմութիւն
մկանէ՝
ինչպէ
ս
նայուածքէ։
Ու,
այդ
վիճակով,
զայն
քալեցուցին
երեք
քայլ
առաջ։
Մանուկ
կը
թուէր,
ճիղճ
իր
հասակով,
անմռունչ
բարութեամբը,
դէմքին
զմայլելի
սկաւառակովը։
Կանգ
առաւ։
Ճիշդ
գլխուն՝
մեծ
կեռը։
Աջին
եւ
ձախին՝
ըմբիշն
ու
տասնապետը։
Կռնակին՝
երկու
կապուածները,
չորսհինգ
քայլ
բացօք։
Առջին՝
շէյխ
Սապիթը,
որուն
շուրջը
մնացեալ
ժանտարմաները,
երկիւղած
սպասումով։
-
Ըսէ՛
ինչ
որ
գիտես։
Պակասը՝
սա
բառերէն
`
«տղաս»ը,
հայրական
«օղլում»
ը,
այնքան
զանոնք
արտաբերող
շեշտը
պատրանք
կը
ստեղծէր։
Շէյխին
խորապէս
նենգ
նկարագիրը
միշտ
ալ
ախորժեր
էր
աս
կարգին
ժպտումն
ե
րէն,
սա
պայմաններուն
առջեւ։
Ու
սպասեց։
Մինչ՝
սրբազան
այաթ
մը
կ’ոլորուէր
մօրուքն
ի
վար,
բաւական
յստակ։
Բառի
բեկորներու
սա
շրջիւնէն
գրեթէ
ճանաչելի
էին
Ալլահին
փշրանքները։
Ոչ
մէկ
աճապարանք։
-
Ըսէ՛
ինչ
որ
գիտես։
Կրկնեց
անիկա
նոյն
պայծառութեամբ։
Ջահերուն
լոյսը
կը
սկսէր
քիչնալ։
Անոնց
ծուխը
կամարին
տակ՝
թեթեւ
ալիքներով։
Լապտերները՝
բիբ
ամբողջութեամբ։
Ու
ոճիրին
մէջ
շէյխին
հարազատութիւնը
սա
պատկերին
կու
տար
սխրագին,
մեծվայելուչ
բան
մը։
Այդքան
անխի՞ղճ
մարդերը
իրարու
դէմ,
որպէսզի
իբր
վայելք
անդրադառնար
ամէնէն
ստոր
արարքը
մարդուն։
Սողոմենց
տղան
կը
դիտ
է
ր
գազանը։
Անոր
այնպէս
թուեցաւ,
թէ
կը
գտնուէին
իրենց
դրացի
գեղին
գերեզմանոցին
մէջ՝
փոքր
ու
սիրուն
նոճեստան,
առանց
մարմարի։
Զոր
եզերող
խիտ
մացառուտի
մը
խորէն
անոր
տրուած
էր
հանդիսատէս
ըլլալ
թաղումի։
Հողքի
գլխուն,
թաղող
հոճան
այսպէս
արձան,
այսպէս
տժգոյն,
կը
փսփսար
բան
մը,
ինչպէս
շէյխ
Սապիթը…։
Ան
չէր
գիտեր
միւս
հրամայականը,
որ
պարտք
կը
դնէր
բարի
միւսլիւմանին,
անհաւատները
մեռցնելէ
առաջ,
գոնէ
սուտ
բերան
զանոնք
հրաւիրելու
սրբազան
հաւատքին։
Երկի՜նքը
լայն
էր։
Ու
տեղ՝
շատ։
Մեռնողը
կը
մեռնէր,
բայց
կը
շահէր
իր
բաժինը
այդ
Ալլահին
արքայութենէն։
Բարիքը
ընելը՝
պարտքը
միւսլիւմանին։
Երեքնեց
անիկա։
Լո՛ւռ,
Մաթիկը,
բայց
կրելով
շէյխին
ամբողջ
նայու
ա
ծքը,
աննահանջ
սեւեռումով։
Ի՞նչն
էր
դիտածը։
Չ
տեսաւ
շրջապատին
խոր
հաճոյքը
իր
լռութենէն։
Պատրաստուած
սա
տեսարանին,
այդ
մարդիկը
վախն
ունէին
վերջին
զղջումին,
Մաթիկէն։
Յետոյ,
դադրեցնելով
շրջիւնը
իր
շրթներէն,
երկարեց
երկու
ձեռքերը
դէպի
Մաթիկին
աջ
ձեռքը։
Փայտը,
փաթաթը,
ծղին
հազիւ
կը
լեցնէին
շէյխին
մէկ
ափը։
Բարեկա՞մ։
Այս
ձեւով
կը
բարեւուին
քաղաքակիրթ
մարդերը
Աստուծոյ
արեւին
տակ։
Սանդարամետին
խո՞րը։
Ժանտարմա
մը
առաւ
անոր
ձախ
ձեռքը,
իր
զոյգ
ափերուն
մէջ։
Վայրագ,
փրցնող
շեշտ
մը
կը
հեւար
անոր
մատներէն
իր
դողդոջ
ձեռքին
վրայ։
Ուրիշ
երկու
ժանտարմա
անցան
անոր
կռնակը,
բայց
կիսովի
ու
ճիրանի
ձեւով
տեղաւորեցին
իրենց
հսկայ
ձեռքերը
անոր
իւրաքանչիւր
ուսին։
Անոնց
բթամատը,
երկաթ
գամի
պէս
կոխեց
ուսոսկրին
ուղղակի
տակը։
Ու
անոնց
չորս
միւս
մատերը
պայտի
ձեւով
գալարուեցան
այդ
ոսկորին
վրայէն։
Անոնց
ալ
մխուելու
ուժգնութիւնը
անսովոր
կը
թուէր,
այնքան
անոնց
կզակները
ճնշումին
անդրադարձը
կը
մատնէին՝
փոսի
մը
պէս
փորելով
երեսի
վայրագ
մորթը։
Այդ
ուսերէն
երկուերեք
թիզ
վերօք
այդ
գլուխներուն
արհաւիրքին
տակ
Մաթիկին
գլխիկը,
ջնջուած,
պարզի,
բայց
արի
սուրբը։
Շէյխը,
առանց
ձայնի,
բայց
պրկագին
ճիգով
մը,
շրջեց,
դարձուց
ինք
իր
վրայ,
երիտասարդին
դաստակը։
-
Չա՜թ…
Ուրկէ՞
սակայն։
Խուլ
ու
քիչ.
կոտրող
փայտի՞
թէ
ոսկորի։
Շարժումը
հակառակ
արտաքին
փոքր
իր
վառարանին,
ծառայեր
էր
դէպի
խորքը։
Կոտրա՞ծը։
Շէյխին
բերնէն
ելաւ
մեծկակ
շունչ։
Շարժումը
կանխող
շնչառութիւնն
էր,
որ
իբր
ճիգ
կ’ամբարուի
մարդոց
թոքերուն
`
նպաստելու
համար
մկաններու
ճիգին։
Ու
ձգեց։
Մարդիկ
չկրցան
հետեւիլ,
թէ
ինչպէս,
փայփայանքի,
բարեւի
նման
սկսող
սա
տեսարանը
մէկէն
վերածուեր
էր
անըմբռնելի
բանի
մը։
Վասնզի
Մաթիկին
թեւը,
ամբողջ
շրջան
էր
ըրեր
ինքը
իր
փոսիկին
մէջ,
ու
ելեր
էր
դուրս
ուսոսկրին
խոռոչէն։
Երբ
շէյխը
ձգեց
իր
ափէն
այդ
թեւը՝
ասիկա
կտոր
մը
փայտի
անզգածութեամբ
ինկաւ
տղուն
կուշտին,
մէկ
կտոր,
բայց
միսերով
կապուած
ուսին։
Ոչ
մէկ
ճիչ։
Չունի՞ս
ըսելիք։
Հարցումը
կը
մատնէր
որոշ
տագնապ։
Վասնզի
հակառակ
փայտին
նպաստին,
ծղիին
բարակութեան
ու
ընդդիմութեան
բացարձակ
պակասին,
շէյխը
տառապեր
էր
մնալու
իր
ուժին
վրայ։
Անիկա
96ի
ջարդերուն,
հարիւրով
ձեռք
այսպէս
փշրելու
ատեն,
մէկ
օրուան
մէջ
չէր
զգացած
այս
յոգնութիւնը,
սպառումը
գրեթէ։
Ծերութի՞ւն։
Ա
ռաւ
խոշոր
երկրորդ
շունչը,
զոր
նշմարեցին
շուրջինները։
Ու
նեղուած,
շունչը
պահելով,
երկարեց
ափերը
միւս
ձեռքին,
նոյն
արտաքին
անզգածութեամբ,
զոր
չկրցաւ
տիրապետել,
վասնզի
կզակներն
ալ
ստիպուած
եղան
մաս
առնելու
շրջանումին
համար
վատնուած
ուժին։
Գ
րեթէ
հեւք։
Պուկը
ուռած։
Քրտինք։
Յիսունէն
վեր
էր
անիկա
ու
ատեն
չէր
ունեցած
մտածելու
տարիներու
կշիռին։
Վեց
տարի
առա՜ջ։
…Մարդերէ
յետոյ,
այդ
ձեռքի
ուժը
անիկա
ա՛լ
չէր
գործածեր
կենդանիներու
վրայ,
որոնց
մալումը
իր
երիտասարդութեան
զբաղումն
էր
եղեր։
Թեւ
մը
իր
ծխնիին
մէջ
դարձնե՞լը։
Խուլ,
դանդաղ,
կճըռկճըռ
՝
ինչպէս
կը
պատկերէ
ժողովուրդը
այս
բեկումները,
հետզհետէ
աճուն
հեւուքով՝
անիկա
գլուխ
հանեց
երկրորդ
թեւին
ալ
խորտակումը
իր
ոլորքին
մէջ։
Փայտը
նպաստեր
էր։
Ատելութեան
չափ,
որ
զայն
կ’ուտէր
ներսէն՝
անիկա
կը
խթանուէր
վախէն,
կէս
ճամբան
մնալու։
Երբ
լքեց
թեւը,
մատները
իրապէս
սպառեր
էին,
ու
ցաւ
ինկաւ
սիրտին։
Նոյն
ձեւով
երկրորդ
թեւը
գնաց
կախուիլ
ձախ
ուսին։
Ոչ
մէկ
ձայն
երիտասարդէն։
Ժանտարմաները,
զայրագին՝
-
Հընզըր
օղլու
հընզըր…
Չկրցաւ
չարտաբերել
անոնցմէ
մէկը,
որ
զոհին
սա
արիութիւնը
կը
նախանձէր
անլուր
կատաղութեամբ
մը,
այդ
ուժը,
անզգածութեան
մէջ
պաղարիւնը
փոխադրելով
անոր
քոմիթաճիի
ասպարէզին,
ուր,
իր
մատ
մը
հասակովը,
այդ
հրէշը
ով
գիտէ
որքա՜ն
անմեղ
իսլամներ
մորթեր
էր,
այդ
անհաւատը,
քեաֆիրը,
հընզըրը,
առանց
աչքը
հեղ
մը
թարթելու։
Ինչո՞ւ
չձգեցին
գետին
անոր
մարմինը։
Բայց
ահա
անակնկալը։
Փակ
այդ
դէմքին
վրայ,
խոշոր
ժայթք
մը
արիւն։
Որ
պոռթկաց
տղուն
քիթէն
ու
բերնէն։
Սեւ,
կարմիր,
փրփուրփրփուր։
Ու
ջահերուն
լոյսովը
ծիրանաւոր։
Զովութի՞ւն։
Հեղուկներուն
ճակատագի՞րն
է
ասիկա։
Թէ՝
գիշատողներուն
համար
անհրաժեշտ
անձրեւ
մը։
-
Պիսմիլլահ
…
Շէյխը
սոթտեց
լայն
իր
թեզանիքը։
Այդպէս
բացուած՝
անոր
դաստակը
քսուեր
էր
համրիչի
ծոպին,
որ
գօտիին
փակած
մեծկակ
վարդի
մը
պէս
փայփայանք
մը
անցուց
անոր
ջիղերէն։
Մենք
մեր
զգայութիւնները
կ’այլափոխենք
երբեմն։
Ծնրադրեց։
Ու
անոր
շրթներէն
հոսումը
անծանօթ
բառերու։
Ե
րկու
կտորի
նմանող
մարմինը
կը
հասնէր
Մաթիկին
գրեթէ
կուրծքին,
իր
այդ
ծնրադիր
ձեւին
մէջ։
Մէկը
աճապարեր
է
դէպի
սեճճատէն։
Շեղ
իր
նայու
ա
ծքովը՝
շէյխը
զայն
ետ
կանչեց,
ու
նեղսիրտ՝
դեղնորակ
իր
աչքին
մէջէն.
-Չ’ուզեր։
Ձայնը
կը
թուէր
այդ
ակնակապիճներէն
գալ,
այնքան
ակնարկը
կը
տիրապետէր
անոր
դէմքին
միւս
մասերուն։
Յետոյ
յօնքերը
կիտուեցան։
Երեսին
հաւաքուեր
էր
լեմոնի
դեղնութիւն։
Ո՞ւր
կը
ղրկէր
իր
թունաւոր
արիւնը։
-Պատրա՛ստ։
Ու
փուռի
թիակի
մը
ծաւալով
լայն
իր
ափը
անցուց
անիկա
մօրուքին
վրայէն,
աչքով
սեւեռած
կապ
երիտասարդը։
Չորս
ժանտարմա
իրենց
ճիրանները
ամրօրէն
զետեղեցին
Մաթիկին
սրունքներուն
ու
կո
ն
քի
ոսկորներուն,
երկկողմանի։
Ուրիշ
մը
իր
երկու
թեւերը
դրաւ
անոր
կռնակին
երկու
թափերուն։
Պատառ
մը
այդ
մարմինին
շուրջը
այդ
հսկայական
մարդոց
տեղ
ճարե՞լը։
Կրօնական
լրջութիւն
մը
թերեւս
հասկնալի
ընէր
սա
ճշմարտութիւնը։
Այս
մագիլներուն
մէջ,
այլապէս
ու
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
անշարժացած՝
երիտասարդը
փակեց
իր
աչքերը։
Մահէն
վա՞խ։
Պէտք
չէ
հարցնել։
Գլխիկը
քիչ
մը
ետ,
տժգոյն։
Կատարեալ
պատանի։
Ու
անոր
քիթը
կը
շարունակէր
կաթկթիլ։
Չըլլար
ատիկա
արիւն,
այնքան
ջահերը
կ’այլայլէին
անոր
գոյնը։
Կայլակները
անոր
շապիկին
ճերմակին
վրայ
գիծի
վերածուած
կ’իջնային
դանդաղ։
Ինչո՞ւ
բաց
էր
անոր
բաճկոնը։
Գոց
անոր
աչքերուն
տակ
անցա՞ծը։
–
Ատ
ալ
պէտք
չէ
հարցնել։
Ծունկի։
Բայց
հաստատ
տեղաւորումով
մը։
Անոր
բերանը,
այս
անգամ
ամէնքէն
լսելի,
արտաբերեց
նուիրական
այաթը։
Ու
անունով
այդ
Բարձրեալին,
որ
գթածն
էր,
ամենամեծը
բոլոր
գթացողներուն
(այդպէս
կը
յայտարարէր
տարազը),
շէյխ
Սապիթը
փրցուց,
առանց
ակռաները
խածնելու,
երիտասարդին
ամորձիքները
ու
լուրջ,
հանդիսաւոր,
աչքերը
սեւեռ
Սողոմենց
տղուն,
նետեց
այդ
արիւնոտ
տոպրակը
անոր
քիթին
ու
բերնին…։
Նշանը
ճիշդ
էր
առած։
Սողոմը
ահաբեկ՝
-Ա՜…ա՜…ա՜…
Երեք
անգամ։
Ինչպէս
կը
պոռար
անիկա
երազի
մէջ,
ճիւաղներուն
կամ
դեւերուն
ձեռքը
ինկած
ատենը։
…
Երբ
շէյխը
ելաւ
ոտքի,
իր
ծնրադրումէն,
շփեցին
անոր
սրունքները,
ծնկոսկրը
Սիւլէյման
Փէյլիվանն
ու
տասնապետը։
Միւսները
իրենց
սկզբնական
դիրքերով,
տղուն
մարմինը
անշարժ
պահելով։
Տարօրինակը
ան
էր,
որ
բոլոր
դէմքերը
թեթեւ
մը
գոհ,
իրարու
կը
նմանէին։
Անոնց
արտայայտութիւնը
կը
մատնէր
սպասում
մը։
-Ձգեցէ՛ք։
Ժանտարմաները
լքեցին
անոր
մարմինը,
որ
ինկաւ
գետին։
Իր
սիրական
Մոսկուայէն
ու
սրբազան
Տարօնէն
այսքան
հեռու
Մաթիկ
Մելիքխանեանցը
իր
տուրքը
վճարեց
իր
ցեղին։
Անդին,
Կովկասի
մէկ
խուլ
գեղին
մէջ,
անոր
մայրը,
սա
գիշերասկիզբին,
իր
անվախճան
գիշերին
խորը,
տեսա՞ւ,
հոգու
աչքերով,
իր
մինուճարը,
անուշիկ
տղեկ,
համակ
խանդ
ու
բարութիւն,
դեռ
այդ
տարիքին,
դպրոցէն
դարձին
իր
ծոցը
նետուող.
-Մամա՜…
Բացուեցա՞ն
անոր
կարկամ
շրթները,
հեռու
այդ
պատկերին
վրայ,
ըսելու
համար.
-Բալիկ,
բալի՜կ
ճան։
Ինչպէս
կը
դիմաւորէր
դժբախտ
որբեւայրին
իր
տղեկը,
դպրոցէն
դարձին…։
Հէ՜յ
մայրերու
սիրտ,
որքան
քիչ
են
մեր
բառերը
տալու
համար
ուժգնութիւնը
պատկերին՝
Սրտիկս
է
նման
ի
փուռ…
որ
մեր
երգերունն
է
եւ
կը
ջանայ
թելադրել
սա
ներսէն
բռնկած
միսին
տանջանքը,
որ
պէտք
է
այրի,
այրի
ու
իր
իսկ
գնով
չսպառի,
վասնզի
մոխիրը,
պա՛ղը՝
պատանքն
է
անոր։
…
Ջահերը
ծռեցան
դէպի
դիակը։
Ի՜նչ
խեղճ,
ի՜նչ
քիչ
բան
էր
միսի
այն
կտաւը,
որ
դէմքն
էր
Մաթիկին,
լուացուած
իր
արիւնին
մէջ։
Մոմի
դալկութիւն։
Ու
խաղաղութիւն։
Ովսաննա՜
ի
բարձունս…
-Ալլահ
էքպէ՜ր…։
Շշո՞ւկ՝
թէ
դուրսներս
ինկած
նուագ։
Լսել
կարծեցին
ժանտարմաները։
Իրականին
մէջ,
իսլամ
գիշերին
մեծազօր
աղօթքն
էր,
որ
դուրսը,
քաղաքին
հարիւրաւոր
մինարէներէն
կը
մատուցուէր
Ամենակալին՝
ոչ
Իբրեւ
զբուրումն
ստաշխի
ու
խունկի…
այլ՝
իբր
պսակումը
սա
երկնահաճ
Ոճիրին։
Շէյխը,
ժամացոյց
նայելէ
յետոյ
–
ամէն
հաւատացեալ
աղօթքի
պահերուն
ճիշդ
ստուգումին
համար
իր
վիզէն
կախ
կ’ունենայ
խոշորեկ
ժամացոյց,
շղթան
մեծագին՝
հարուստներու
մօտ–,
երկրին
փորին
մէջ,
իր
կարգին,
րոպէական
ճշդութեամբ
արտասանած
էր
մեծազօր
աղօթքին
առաջին
նախադասութիւնը.
-
Ալլահ
էքպէ՜ր,
Ալլահ
էքպէ՜ր։
Ցած՝
կրկնեցին
միւսները։
Մոգական
այդ
տարազով
այդ
մարդոց
հոգին
կ’ողողուէր
գթութեամբ։
Յետո՞յ։
-
Պիսմիլլահ
էրրահման
էրրահիմ։
Որ
թարգմանի՝
«Յանուն
Աստուծոյ,
գթածներու
գթածին»։
Այսպէս
խօսեցաւ
շէյխ
Սապիթը,
հեշտագին
իր
խաղաղութեանը
մէջ,
լայն
իր
մօրուքը
երեք
հեղ
թեթեւակի
հովելէ
ետքը։
Աղօթքին
աւարտումը
յայտնող
այդ
սովորութի՜ւնը,
երբ
կ’ելլէր
ոտքի
գետնամած
իր
լքումէն
եւ
ինքզինքը
կը
յանձնէր
Բարձրեալին
անտես
ձեռքերուն`
կատարելու
համար
Անոր
կամքը
աշխարհէ
աշխարհ։
Յետո՞յ։
-Բերէք
միւսը։
Եղաւ
լռութիւն
ու
եղաւ
շարժում։
Օսման
պէ՞յը։
Գրեթէ
դուրս
դուռէն։
Թուրքի
անկարելի
դիւրազգածութի՞ւն։
Էֆգաֆի
մեծազօր
տնօրէնը
վայրագ
տեսարան
պատճառ
ունէր
չհանդուրժելու։
Պատկերին
առջեւ՝
անիկա
այցուեցաւ
այն
մօրը
ուրուականէն,
որ
տարիին
մէջ
քանի
մը
գիշեր,
անհանգիստ
կ’ընէր
անոր
արդարի
քունը։
Ուրուականը՝
մայրն
էր
երիտասարդի
մը,
սպաննուած
իր
մէկ
տղուն
ձեռքով,
պոռնիկի
մը
հաճոյքին
համար։
Հակառակ
եօթը
տարիներուն,
որոնք
պատահարը
կը
նետէին
անոր
ետին,
ու
աշխարհք
մը
ուրիշ
բռնութեան
եւ
ոճիրի,
այդ
մօրը
պատկերը,
զաւկին
դիակին
վրայ,
թեւերը
փռած,
կը
դարձնէր
իր
քունին
ամբողջ
այն
դառնագին
խռովքը,
որ
իրն
էր
եղեր,
երբ
երկինքին
ամբողջ
կրակը
անոր
բերնովը
կը
թափուէր
իր
գերդաստանին։
Քաղաքին
լեռնակողմը,
գեղեցիկ
իր
մէկ
պալատին
մէջ
էր
տեղի
ունեցած
այդ
մահացու
մալումը
դժբախտ
երիտասարդին,
սարքուած
՝
Օսման
պէյին
մեծ
տղուն
քմայքովը,
գոհացում
տալու
համար
պոռնիկի
մը
նախանձին։
Կիներուն
հաշիւները,
արդիւնք
սեւ
այդ
զգացումին,
մեծ
մասով
կը
մաքրուին
արեան
մէջ։
Օղիի
սեղանին
շուրջը,
քսանի
մօտ
խմողներու
ներկայութեամբ
կատարուած
այդ
սպանութիւնը
դատական
իշխանութիւնները
ընդունեցին
իբրեւ
դուրսէն
յարձակում,
անյայտ
աւազակներու
կողմէ,
վկաներուն
միաբերան
հաստատումով։
Օսման
պէյին
տղան
կէս
ժամ
իսկ
բանտ
չէր
իջած։
Ու
վկայութիւնն
ալ,
դուրսէն
յարձակումը
վաւերացնող,
գրաւոր
ղրկեց
արդարութեան
ատեանին,
որ
փակեց
խնդիրը։
Բայց
Աստուած
ուրիշ
կերպ
կարգադրեր
էր։
Ու
Մաթիկ
Մելիքխանեանցին
համար
դատական
վրդովում
ալ
տեղի
չունենար
պիտի։
Աստուած
ապահովաբար
քուն
էր,
այդ
ոճիրին
կատարման
պահուն։
Միւսը
մօտեցուցին։
Ըմբիշ
Սիւլէյմանը,
նիզակի
մը
ծայրով
յաջողեցաւ
չուան
մը
անցընել
մեծ
կեռին։
Ո՞վ
էր
ըսած
այդ
հրամանը,
երբ
շէյխ
Սապիթը
կ’աղօթէր
հանդարտ,
ու
համրիչին
հատիկները
խուլ
աղմուկով
մը
պահէ
պահ
մը
կրծէին
շրշիւնոտ
լռութիւնը։
Մնաց
որ,
ամբողջ
սա
արարողութեան
ընթացքին
բոլոր
շարժումները
տեղի
կ’ունենային
զարմանալի
բնականութեամբ
մը։
Ոչ
ոքէ,
ոչ
մէկ
շուարում,
դերի,
պաշտօնի,
ակնարկ
հասկնալու,
չըսուածը
ըսելու։
Նախապէս
սորված
դաս
մը
այդքան
անսայթաք
մարդ
չի
կրնար
կրկնել,
բառերու
մարզով,
ուր
արիւն
ալ
չկայ։
Թուրքերուն
համար
սա
կարգի
արարքները
տարօրինակ
ընտանութիւն
մը
ունին։
Մի՞ւսը։
Հասկցաք
անշուշտ։
Կեցուցին
աւազանի
կողքին
երկայնահասակ
ընկերը
Մաթիկ
Մելիքխանեանցին։
Չէր
կրցած
քալել,
քանի
որ
կոճերը
հիւսուած
էին
իրարու։
Բայց
ութ
բազուկ,
փայտէ
միակտուր
արձանի
մը
պէս,
անոր
ոտքերը
գետնէն
կտրած
քշեցին
առաջ։
Չուանապիրկ
այդ
մարմինը
Սողոմին
մտքին
արթնցուց
գերեզմանէն
ելլող
Ղազարոսը,
«ոտիւքն
կապելովք»,
ինչպէս
կը
նկարագրէ
Յովհաննու
Աւետարանը։
-Քակեցէ՛ք
կապերը։
Հրամանը
գործադրուեցաւ։
Բայց
տաղանդ
պէտք
էր`
հասկնալու
համար
հրամանին
չլսուած
մասը։
Բեթանիա
կատարուածին
պէս
Յիսուս
մը
չէր
ըսած.
-«Թողէք
երթալ»։
Վասնզի
ազատուող
սրունքները
մահակի
մը
հարուածով
ծռեցան
գետին։
Երիտասարդը
ծունկերուն
վրայ
ստիպուեցաւ
մնալ։
Զորս
բազուկ
անոր
թեւերը
ամրապէս
կաշկանդած
էին
իրենց
մէջը,
ատեն
տալու
համար
ուրիշներու,
որոնք
անոր
ետեւն
անցած
սրունքները
շրջեցին
դէպի
վեր`
ազդրերուն
կապելու
համար
զանոնք։
Այս
գործողութիւնն
ալ
անցաւ
փրթող
յօդերու,
բզկտուող
միսերու,
խուլ,
սրտակեղեք
կճրտումը։
Ամէն
միսի
ճիչ
դահիճներուն
վրայ
կ’անդրադառնար՝
հանդարտ
եռանդի
մը
մղելով
զանոնք։
Ցաւը
սաստիկ
ըլլալու
էր,
վասնզի
փոքր
հեծքեր
կը
փրթէին
տղուն
բերանէն։
Բայց
նշանակալից
էր
ատոնց
իմաստէ
դուրս
ըլլալը։
Մաթիկին
երկայնահասակ
ընկերը
համբաւ
ունէր
իր
համբերութեամբը։
Ժամ
մը
ծեծէ
ետքը
անիկա
հազիւ
անունն
էր
տուեր…
-Անամ…
անամ
…
Հուժկու,
Ռ.
Պէրպէրեան
պիտի
ըսէր՝
կաշմբուռն
մատնելով
ժանտարմաներ
անոր
սրունքները
ամրապէս
կապեցին
ազդրերուն։
Եղուած
չուանը,
բարակ
տեսակէն,
կտրեց
միսերը,
ու
հասաւ
ոսկորներուն։
Ժանտարմաները
կ’ընէին
այս
ամէնը
արագ,
վարժ
շարժումներով,
կոտրած
սրունք
մը
երկու
տախտակին
մէջ
փաթթող
մարդոց
խնամքովը։
Երկայնահասակ
երիտասարդը
կը
հեկեկար,
լալ
ամչնալուն։
Անիկա
լեցուած
էր
մեռնող
յեղափոխականներուն
դրուագներովը,
մահուան
դէմ,
բոլորն
ալ
Մաթիկին
պերճ
պատմումովը։
-Հա
շէօյլէ…
Ուրախ,
երջանիկ։
Հայերու
կողմէ
տառապանքի
դէմ
սա
կորովը
զանոնք
զայրոյթի
կը
հանէր։
Ջահերը
կը
թուէին
տկարանալ։
Ու
տեսարանին
վրայ,
երեք
մեծ
լապտերներու
խաղաղութեամբը
շինուած
տեսակ
մը
հարսանեկան
հո՜վ,
որ
գրական
բառ
չէ
հոս։
Թուրքերու
հարսնիքը
սուրի
պար
է
միշտ։
Թմբուկ
ու
հրացան։
Կռիւ
ու
արիւն։
Ըմբիշ
Սիւլէյմանը
երիտասարդին
ծոծրակէն
աւելցուկ
չուանը
միացուց
կեռէն
կախ
պարանին։
Հասկնալի՞,
ասկէ
ետքը,
ձեւը
մահուան,
որ
կը
սպասէր
երիտասարդին։
Կախաղա՜ն։
Գուցէ՝
եթէ
պատուիրակ
փաշային
հնարամիտ
հանճարը
գերմանական
իր
շահադիտութեամբը
չվարէր
այս
քստմնելի
ոճիրը։
Հայուն
դիակն
ալ
պէտք
էր
օգտագործել։
Այլապէս՝
ի՜նչ
հարկ
այս
ամէնուն,
քանի
որ
նկուղին
մէջ,
գովուշին
մէջ,
ութտասը
թուրք
բանտարկել
կարող
էին
սա
մարդերը
ճթթու
չարձակած՝
խեղդել
քուն
թէ
արթուն,
ինչպէս
կատարուեր
էր
ատիկա,
հարազատներով,
օսմանեան
բարեխնա՜մ
կառավարութեան
բոլոր
բանտերուն
մէջ։
Բայց
որոշուած
էր,
որ
յեղափոխականները
մահուան
հասնէին
«տպաւորիչ
եղանակով»՝
ինչպէս
կը
պահանջէր
ոճրային
հոգեբանութիւնը,
Գերմանիա
ըրած
փաշաներու
ուղեղէն։
Արդիւնքը
ծանօթ
է
մեզի։
Չքաշեցին
սակայն
չուանը։
Տասնապետը,
փոխանորդելով
շէյխ
Սապիթը,
հատիկհատիկ
ըրաւ
անոր
բոլոր
հարցումները,
որոնք
տրուեցան
Մաթիկին։
Ոչ
մէկ
աճապարանք։
Տուն
չունէի՞ն
սա
երկու
մեծահռչակ
անձնաւորութիւնները,
իրենց
սպասող
կին
կամ
զաւակ։
Տղուն
դէմքին
վրայ
կծկումներ։
Անհուն
անձկութիւն։
Ո՞վ
էր,
որ
խելքն
ունեցաւ
ատոնք
հասկցած
ըլլալու։
Կեավուրը
կ’աճապարէր
մեռնիլ։
Բայց
ժանտարմաները
անոր
պէս
գերեզմանի
մը
չէին
վազեր։
Իրենց
նստած
սենեակէն
լաւ
էր
հոս։
Ցեղային
մկրտութի՜ւն,
ինչպէս
ըսած
էր
իմաստուն
հազարապետը։
Հեշտագին
բան
կար
անոնց
դանդաղութեանը
մէջը։
Երկայնահասակ
երիտասարդը
ոչ
իսկ
մէկ
աչքը
բացաւ
այդ
հարցումներուն։
-Կո՞յր
ես,
թէ
խուլ։
Ու
անոպայ
տասնապետը,
հազիւ
սայրը
մխեց
անոր
ակնակապիճին։
Սեւ
արիւն,
արագ,
մատ
մը
լայնքով,
որ
բաց
մնացած
բերնին
մէջ
լղրճուեցաւ։
-Մամա՜ս…
Միւս
աչքը
չէր
բացած։
-Գործի՛։
Չորս
բազուկներ
հիւսուեցան
երկու
պարանի։
Ու
երկայնահասակ
երիտասարդը
սկսաւ
բարձրանալ,
օդն
ի
վեր,
գլուխը
տարօրէն
ցից։
Բոլոր
ազատ
ձեռքերը
վերցուցին
ջահերը,
կրցածնուն
չափ,
այդ
համբարձումը
ընծայելու
համար
աւելի
լուսաւոր,
աւելի
«տպաւորիչ»։
Պատկերը՝
Սողոմին
ուղղութեամբ,
չունէր
ոչ
մէկ
սահմանափակում։
Ուշադրութեամբ
կը
գործադրուէր
պատուիրակ
փաշային
հրահանգը։
Ժանտարմա
մը
պաշտօն
ունէր
անոր
մօտ
հսկելու,
արգիլելու
համար
հընզըրը
աչքերը
փակելէ։
Նիզակի
մը
կոտրած
սայրը,
խթանի
մը
պէս,
կը
մշտէր
անոր
սրունքները,
նոյնիսկ
գետին
նայած
ատենը։
«Համբարձողին»
մարմինը,
առանց
սրունքի,
տարօրէն
այլանդակ,
կը
դառնար
ինք
իր
վրայ։
Կոկորդին
առընչութիւն
չունեցող
կապը
արգելք
չէր
անոր
շնչառութեան։
Ու
անոր
մայր
ը,
հեծքի
ձեւով,
դուրս
կ’իյնար
անոր
բերանէն։
Չուաններուն
պրկումը,
կճրտուքի
մը
նման
ձայն
մը
կը
հանէր
ժանգոտած
կեռէն,
սուրի
պէս
խիստ
ու
խածնող։
Հասաւ
անոր
գլուխը
կեռին,
ու
անշարժացուց
մարմինը։
Ճիգ։
Գլուխը
դիմացաւ։
Չորս
նոր
բազուկներ
աւելցան
հիներուն։
Գրոհ։
Ու
այդ
հերոսական
գրոհին
առջեւ,
զոր
թանկագին
ու
թանձ
րաշարաւ
հայհոյութիւններ
կ’ընէին
աւելի
զարհուրագին,
գլուխը
կոտրեցաւ
ծոծրակին
ծխնիէն`
շրջելու
համար
կեռին
կիսաղեղին։
Ու
անցա՜ւ։
-Հա
շէօյլէ…
Շունչ
չառին։
Անոնք,
չուանները
քիչիկ
մը
թուլցուցած՝
կը
սպասէին
կռանին,
որ
իր
բեռովը
փրցնելու
էր
վզակոթի
միսն
ու
կաշին։
Բայց
վրիպեցան,
վասնզի
փրթող
բան
չեղաւ։
Երկաթ
գիծին
երկու
կողմերէն,
երիտասարդին
մարմինը
մնաց
կիսուած։
Ու
անմարդկային
բան
էր
այդ
պատկերը
շրջուած
գլուխին,
կուրծքին
վրայ,
գանկը
ցած՝
դէմքը
վեր,
ստեղծելով
ամէնէն
սարսռազդեցիկ
մանրամասնութիւնները
սա
տանջանքին,
զոր
պիտի
չկրնար
երեւակայել
Սողոմենց
տղան,
նոյնիսկ
դժոխքին
խորը։
Ժամուն
Դատաստանին
նկարը,
որ
լայն
բաժին
էր
հանած
տանջանքի
բազմազան
տեսարաններու,
չունէր
նման
մը։
Յուդային
ինքզինքը
կախելը,
ժայռի
մը
եղջիւրէն,
բոլոր
իր
վայրագութեանը
մէջ
կը
մնար
մարդկային։
…Կամաց,
անաղմուկ
՝
իրանը
կը
ճօճէր,
փայտի
կոճի
մը
նման։
Ու
պահէ
պահ,
տակի
աւազանին
կաթիլ
հեծքեր
կը
խառնուէին
խոշոր
շունչերու։
Յետո՞յ։
Լքեցին
չուանները,
որոնք
հսկայական
օձերու
նման
ձգուեցան
աւազանի
եզրերուն։
Այս
ամբողջ
արարողութեան
ընթացքին
ոչ
մէկը
մտածեց
նահատակուող
երիտասարդին
մեռած
կամ
ողջ
ըլլալուն։
Առանց
մարդակազմութիւն
սորված
ըլլալու,
մսագործները
մեր
մարմինին
կարգ
մը
մեծ
օրէնքները
ու
անոր
նրբագոյն
գօտիները
բժշկապետի
մը
չափ
կը
ճանչնան։
Անգամ
մը
գլուխը
իր
ծխնիէն
բաժնելէ
յետոյ,
անոնք
մէկէն
ի
մէկ
անտարբեր
եղան
կախուած
մարմինէն։
Մեռելը
նախատելը
աւելի
բարձր
մշակոյթ
մը
կ’ենթադրէ։
Թուրքերը
դեռ
չեն
հասած
հոդ։
Ու
տեսարանին
ամբողջ
ծանրութիւնը,
այդ
րոպէին
փոխադրուեցաւ
ողջին
վրայ,
զոր
ժանտարման
անընդհատ
կը
նիզակէր
աչքերը
բաց
պահելու,
երբ
դիակը
առաստաղէն
այդպէս
կախ,
դառնար
աջ
կամ
ձախ,
գլխուն
մասովը
գալու
համար
ճիշդ
Սողոմին
ճակատին
ուղղութեան։
Յետո՞յ։
Այո՜,
շէյխ
Սապիթը,
երեք
լապտերներու
լոյսը
կեդրոնացնելով
Սողոմին
դէմքին,
մօտեցաւ
անոր։
Լուրջ,
բարի,
օծուն
ու
հայրական։
-Տեսա՞ր,
օղլում։
Սողոմը
փակեց
իր
աչքերը։
-Բա՛ց
սա
աչքերդ։
Ու
մի
վախնար։
-Մի
վախնար,
մի
վախնար,
-
կրկնեցին
ժանտարմաները։
Տղան
բացաւ
աչքերը,
բայց
չէր
կրնար
հանդուրժել
շէյխ
Սապիթին
նայուածքը։
-Տեսա՞ր։
Տղան
չպատասխանեց։
-Խօսէ։
-Խօսէ,
-
կրկնեցին
ժանտարմաները։
-Խօսէ,
-
թելադրեց
խորապէս
յուզուած
Օսման
պէյը,
որ
հա՜յր
էր
եղեր։
Սողոմին
լռութիւնը
անոնք
ընդունեցին
նոր
փաստ
մը
անոր
ցեղին
անխելքութեան,
մտովի։
Մոմերը
անցեր
էին
իրենց
վերջին
քառորդէն
ալ
վար։
Ջահերուն
մէկ
մասը՝
առանց
բոցի
կրակ։
Ժամանակը
լոյսով
կը
չափեն
մարդիկ,
նոյնիսկ
ոճիրին
արգանդին
մէջը։
Ու,
նոյնքան
լուրջ,
բարի,
օծուն
ու
հայրական.
-Մինչեւ
արշալոյս
քեզի
միջոց
մտածելու։
…
Ու
շարունակեց.
-Կ’ըսես
գիտցածներդ
այդ
շանսատակներուն
մասին
ու
կաշիդ
կ’ազատես։
-Կաշիդ
կ’ազատես…
-Նաւն
ազատողն
է
նաւապետ։
Սիւլէյման
Փէյլիվանն
էր
տէրը
այս
առածին։
Հակառակ
իր
բծախնդրութեան,
շէյխ
Սապիթը
կը
հանդուրժէր
այս
միջամխումները
իր
խօսքերէն։
Ոճիրը
յոգնեցուցե՞ր
էր
զինքը,
թէ
ծերութիւնը
սկսեր
էր
սիրտէն։
Մտածեց
ու
շարունակեց.
-
Հագ
տին
ը
կ’ընդունիս,
քեզի
կու
տանք
աղուոր
աղջիկ
մը
ու
երկու
աշխարհներուն
մէջ
ալ
կ’ապահովես
քու
հանգիստը,
ո՛վ
յիմար
կեավուր։
-Երկու
աշխարհներուն
ալ
մէջը…
Տղան
մնաց
լուռ։
Շէյխը
մտածեց
ու
շարունակեց,
խիստ,
վայրագ,
անժուժելի՝
-Եթէ
ոչ,
քեզ
կը
սպաննեմ
շերտշերտ,
բոլոր
միսերդ
կը
քերթեմ
վրայէդ
սղոցով,
ու
ոսկորներդ
կը
կախեմ,
գիտցա՛ծ
ըլլաս։
Անոր
բառերուն
մէջ
փշուր
մը
իսկ
սուտ
չէր
զետեղուեր։
Կեցաւ։
Բայց
մատը
նետելով
անոր
աչքերուն
ուղղութեամբը`
ամբողջ
պատկառա՛նք
ու
սարսուռ,
ամբողջ
վեհափառութիւն՝
-Հէ՛մ
վալլահի,
հէմ
պիլլահի…
Մեղմ,
շոյեց
մօրուքը։
Աւարտա՞ծ։
-Հէ՛մ
վալլահի,
հէ՛մ
պիլլահի,
շէյխը
սուտը
բերան
չէ
առած։
Կրկնեցին
բոլորը։
………………………………………………………………………
Հինգ
վայրկեան
յետոյ,
պարապ
էր
թակոյկներու
սենեակը։
Սողոմը,
ողջ՝
իր
օղակին,
«մինչեւ
արշալոյս»։
Մաթիկը՝
փռուած
իր
մօտը։
Առաստաղին՝
մարմինը
անոր
ընկերոջ,
որ
կը
թուէր
աճիլ
ու
բարակնալ։
Աւազանի
եզրին
փակցուած
մոմը
մեռա՜ւ։
Ու
մութին
փորին
մէջ,
Սողոմենց
տղան…
ինչպէս
Յովնանը
կէտ
ձուկի
փորին։
Այսպէս
մտածեց
անիկա։
…«Ի
նեղութեան
իմում
ես
առ
Տէր
կարդացի»…
Աղօթե՞ց։
Սաղմոսը
սառած
էր
շրթներուն։
ՎԵՐՋ
Ե.
ԳԻՐՔԻՆ