Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Մեզի ծանօթ մարմարեայ բակին, լեմոնի մեծկակ թաղար մը իրեն ապաստան ըրած՝ Եղնիկը, քիչ մը մսկոտ, անհանգիստ կը սպասէր տեղակալ Աքիֆ պէյին։

Իր տարիքին մէջ, ուրիշ աղջկայ մը վրայ, իր արարքը բացայայտ ոճիր մըն էր անշուշտ։ Օրիորդը դատեց այս դառնութիւնը, բայց անցաւ անդին։ Նոր չէր, որ կը տեսնուէր տեղակալներու, գրագիրներու, մեծազարմ տղոց հետ։ Աւելի՛ն. գիտէր իր արթնցուցած խռովքն ալ այդ «արջու թոռան» զգայարանքներուն վրայ։ Աւելի՛ն. գիտէր պալատը առանց մեծի։ Բայց այդ ամէնէն վեր, անոր մէջ կ’աշխատէր անծանօթը։ Ընթացիկ հետաքրքրութիւն մը անզօր է բացատրելու անոր քայլին տարօրինակութիւնը։ Վճռեր էր բանալին ունենալ բանտին ու պիտի ունենար։

Սեւամորթ պահակը խիստ պատուէրն էր առած, զայն՝ տեղակալը փնտռելու, գտնելու, իր անունով ու բերելու հոս, լեմոնի թաղարին ետին, ուրկէ պիտի չփոխէր իր ոտքը։

Քառորդ ժա՜մ, կ’ըսենք ու կ’անցնինք։ Եղնիկը իր որոշումը տալէն յետոյ միայն զգաց ծանրութիւնը հետեւանքին։ Անոր մտքին մէջ Սողոմե՜նց տղան անորոշ, հեռաւոր կէտ էր սակայն։ Երկար մտածեց մօրը, անոր մարմինին մէկ քանի ձեւերը թանձրացան իր աչքերուն։ Ու ինք կը զարմանար ատոնց յառնումին։ Բոլորն ալ վարի, Ջերմուկներու պալատէն, խոհանոցին, վարպետ Հաւատիսին, պարտէզին պարունակով։ Ո՞ճը՝ այդ ձեւերուն։ Ատ ալ կարծեց գտնել, վասնզի հակառակ տեղի, թուականի տարբերութեան, իրարմէ անկախ այդ պատկերները կը կրկնէին միակ, մեծ գիծը, մօրը դէմքին խաղաղ ու տաքուկ բարութիւնը, որ զայն կ’ողողէր, երբ ուրիշները խնդացնէր, մեծկակ նուէրով մը ազատելով նեղն ինկած դժբախտը կամ հասնելով վտանգաւոր հիւանդներու։ Յանկարծ, իր մտամոլորանքին մէջ՝ անիկա կանգ առաւ սպաննուած երկու հայերուն, անոնց այն պատկերին, որ անցեր էր քանի մը ժամ առաջ անոր աչքերէն, սա դուրսի կոպճուղիին վրայով։ Ու տեսաւ կարճահասակ, նիհար տղուն կարօտալից, համարձակ նայուածքը։ …Ինչո՞ւ չյաջողուեցաւ անոր կաղապարել նաեւ երրորդին դէմքը։ Անոր չմտածելու սա բարուրանքը անբաւական էր բացատրելու անոր հսկայ յուզումը։ Իր մարմինին դողը անցեր էր լեմոնի թաղարին, որ կը շարժէր իր ոստերը, հակառակ ապակեայ ցուցափեղկերուն, որոնք հովը կ’արգիլեն։ Անիկա ոտնաձայն լսել կարծեց։ Ոչինչ։ Դուրսը շէնքի կտորները ֆանթասթիք աւերումով մը։ Ծառերն ու մութ հողերը առանց նկարագրի։ Ներսը, կուրծքին տակ գողտր, ջերմ խռովք մը, որ անոր ստինքները կը տաքցնէր ու ծոծրակին փոսին կայլակ­կայլակ կը կաթկթէր։ Նիւթական այս զգայութիւններէն դէպի իմացական երանգէ յուզումները՝ ճամբա՞ն։ Զարտուղի, բայց իրական։ Ան ինքզինքը ուժով զգաց՝ խորհելով իր ծառայութեան, զոր իր խելքովը կը մատուցանէր հօրը ու, այդ գիծով, իր պետութեան։

Տեղակալ Աքիֆ պէյը յայտնուեցաւ` առաջնորդուած Գարա Մուսթաֆայէն։

Հոտաւէտ։ Պեխերուն ցցունքը լրիւ։ Բրնձափոշին ածիլուած անոր դէմքին կապտորակ փայլը կը մեղմէր առատ, քիչիկ մը կարմիրի զարնող ճերմակով մը։ Քունքերէն վեր, մազերը օծուն։

Արդուզարդի սա գռեհիկ կատարելութի՞ւնը, մենաւոր սա ժամուն։

Եղնիկը տպաւորուեցաւ վատ։ Մեծ վիպամոլ՝ անիկա նոյնացուց ներկայացող սպան գիւղական Տոն Ժուանի մը տիպարին։ Յուզումէն, վախէն, կարճ կապելու միամիտ եռանդով մը, անմիջական վճիռով անցաւ խօսքի.

-Աքիֆ պէյ, կ’ուզեմ, որ այս գիշեր, կէս ժամուան համար յանձնէք ինծի բանտին բանալիները։

-Բանտի՞ն։

-Այո՛։

-Բայց ո՞ր բանտին։

Սպան նկատի ունէ՞ր պալատին փայտանոց, ածխանոց եւ ուրիշ բաժինները, որոնք պարագային համեմատ տնային առժամեայ բանտերու կը վերածուէին, աս ու ան ծառաները արգելափակող։

Եղնիկը մտածեց քիչ մը եւ յիշեց.

-Թակոյկներու սենեակին։

-Թակոյկներու սենեակի՜ն։

Սպան, կրկնելով, ետ էր ցատկեր։

-Ի՞նչ ունիք։

-Հանըմ էֆէնտի, անկարելի բան կ’ըսէք։

-Այդպէ՞ս։

-Ձեզի համար, առանց թարթելու, ինքզինքս կը զոհեմ, բայց բանալինե՜րը։ Ուղիղ անկարելին է ատիկա։

-Ինծի համար անկարելին չունի գոյութիւն։ Կ’ուզեմ բանալին ու դուք պիտի տաք։

-Ձեր փաշա հայրիկին հրամանն անգամ չի կրնար բանալ բանտը, սա ժամուն։

-Թերեւս։ Բայց հայրս ուրիշ, ես ուրիշ։ Չէ՞ք ընդունիր ասիկա։

Սպան կակազեց, պատասխան ճարելու փոյթին մէջ, դէմքը կնճռոտելով։ Այդ պրկումին տակ անոր արտայայտութիւնը նոր կը թուէր բերուած արօտավայրէն, այնքան գեղջուկ անոր հաստութիւնը, գծաւոր ու տափակ, զայն ըրաւ ծիծաղելի։ Պալատական օրիորդի մը հետ խօսելու առի՜թը։ Սա տարադէպ ժամուն, ի՜նք՝ որ կիներուն հետ բնական բարբառը հայհոյանքը կը դաւանէր։

-Հայրս ուրիշ, ես ուրիշ։

Դիմացէն ոտքի ձայներ։ Պահնորդ խմբակն էր, որ իր հսկողութիւնը կը պտըտցնէր։

Զգուշաւոր սեւամորթը քալեց կամացուկ։ Տեղ կայ, ուր բերնին պաշտօնը հաճոյքով կը վստահինք ոտքին կամ ձեռքին։

Անոր հետեւեցան երկուքը, առանց հրաւէրի, վասնզի պէտքը կը զգային պատսպարուած անկիւնի մը։ Սանդուխի բերնին ելեւէջը անպակաս էր։ Ամէն րոպէ սպասուհի մը կրնար սողոսկիլ վար, իր արկածներուն։

Առանց խօսքի։

Անոնք եղան գետնայարկի բազմաթիւ սենեակներէն մէկու մէջ, մատենադարան առաջնորդող նրբանցքին մուտքին։ Լամբ ու զինուորական իրեղէններ։ Սեղան։ Մտրակ մը, արծաթ կոթով, որ ցրուեց լոյսը։

-Հոս կրնամ ինքզինքս բացատրել, հանըմ էֆէնտի։

-Կը խորհիմ, թէ աւելորդ է ատիկա։

Եղնիկը քաշեց մեղմ շունչ։ Կուրծքը կաղապարեց ինքզինքը։ Մուշտակ անոր օձիքին վրայ այտերէն մաս մը անծանօթ բեհեզի շեշտի մը պէս ուրուացաւ ու թռաւ։ Անոր աչքերը եղան խոր ու մշուշոտ։ Բանաստեղծ մը պիտի ըսէր՝ անդիմադրելի։

-Ու խօսիլ, հանըմ էֆէնտի։

-Կը խորհիմ, թէ խօսիլն ալ աւելորդ է։

-Բայց կ’անդրադառնա՞ք, թէ ի՛նչ կ’ուզէք ինձմէ։

-Կատարելապէս։

-Ամենեւին։

-Բայց պարզ, շատ պարզ բան մը, սենեակի մը բանալին, որ ձեր քովն է այս գիշեր։

-Սենեակի մը բանալի՜ն, բայց դուք իմ քայքայումս է, որ կը վճռէք ձեր այս բաղձանքով։

-Չեմ յիշեցներ ձեզի քանի մը վայրկեան առաջ ձեր յայտարարութիւնը։ Գիտեմ, թէ կան այդ մարդերը, որոնք առանց թարթիչ շարժելու ճամբայ կ’իյնան, երբ մատ մը զայն գծէ իրենց։ Բայց ատկէ աւելի կարեւոր է ձեզի յայտնել իմ մտածումս ձեր մասին։ Ձեզի բախտ ու յաջողութիւն փափաքելէ զատ՝ չունիմ ուրիշ զգացում։ Հիմա կարծեմ բաւական պարզ է կացութիւնը։

-Շնորհակալ եմ ձեր սիրտէն։ Բայց…

-Բայց, ի՞նչ։

-Բայց զինուորական օրէնքները վեր են մեր ու ձեր անձէն։

-Այդքան մե՞ծ են անոնք։

-Անտարակոյս, հանըմ էֆէնտի։ Բանտին դուռները, սա ժամուն, ոչ ոքի կրնան բացուիլ։

-Պիտի բացուին ինծի։

-Դուք կ’ըսէք ատիկա։ Ձեզմէ զատ ամէն մարդ համոզուած է սակայն ատոր բացարձակ անկարելիութեան։ Հարցուցէք Մուսթաֆային։

-Պէտք չունիմ ոչ ոքի հարցնելու կարելիութիւնը իմ փափաքին։ Կը խնդրեմ, որ բարի ըլլաք զիս հասկնալու։ Վէպ մը չէ, որ կ’ապրինք։ Սա ժամուն ու սա պայմաններուն, երբ Եղնիկը բան մը վճռած է ընել, վստահ կրնաք ըլլալ, որ պիտի ընէ՛։ Ու պիտի ընէ, եթէ հարկ ըլլայ, ու աւելի ճիշդը՝ երբ դուք չըլլաք բաւարար չափով խելացի` անցնելով ձեր վրայէն։ Պա՞րզ։

-Ներողութիւն, հանըմ էֆէնտի։ Կ’արտօնէ՞ք ինծի, որ համարձակիմ ձեզի հարցնել. ի՞նչ է ձեր գործը, սա ժամուն, այդ զնտանին խորը։

-Պարզ, շատ պարզ բան մը։

-Այսի՞նքն։

-Ծառայել հայրենիքին։

-Բայց ձեզի՞ է մնացեր ատիկա։

-Թուրքերուն դժբախտութիւնն է ատիկա։ Ամէն բան այրերու ձեռքով։

-Անտարակոյս։ Պատմութիւնը ուրիշ բան չէ սորվեցուցած մեզի։ Յետոյ չեմ տեսներ կերպը այդ ծառայութեան։ Կ’ենթադրեմ, թէ իրողութիւնը հասած է մինչեւ ձեզ։ Երբ աւարտած է գործին մեծ մասը…

-Կը մնայ կարեւորագոյնը։

-Ինչպէ՞ս։

-Անշո՛ւշտ։ Չի բաւեր մարդերը սպաննել։ Աւելի անհրաժեշտը, զանոնք մղելն է խոստովանութեան։

-Ի՞նչ բանի…

-Ինչ որ մահը կը ծածկէ։

-Միամիտ էք, շա՛տ, հանըմ էֆէնտի։ Ձեր տարիքին հասկնալի, որ չճանչնաք այդ ժողովուրդը։ Անոնք կը մեռնին` գաղտնիք չտալու համար։

-Ես ձեզի պէս չեմ մտածեր։

-Բայց չունիք այդ իրաւունքը։

-Ո՞ր իրաւունքը։

-Ձեր սեռին եւ տարիքին պարտքը ինչո՞ւ կ’անտեսէք։ Ինչո՞ւ կ’անտեսէք մա՛նաւանդ փաստը, բոլորովին թարմ, մեռան ու ոչինչ ըսին։

-Վասնզի սխալ էր ձեր մօտենալու կերպը։

-Ուղի՞ղը։

-Ա՛ն՝ որ ծրագրած եմ ընել։

-Վէ՞պ կը պատմէք։

-Մարդը տարիքին ենթակայ չէ միշտ։

-Բայց հանըմ էֆէնտին շատ լաւ բան մը կ’ընէ, եթէ մեզի, այրերուն ձգէ քաղաքականութիւն ընելու պարտքը։ Մենք միայն գիտենք, թէ ի՛նչ կ’ընենք, ինչպէ՛ս կ’ընենք մեզ ատող օձերուն հետ։

-Տեղակալ Աքիֆ պէյ, պարտաւոր էք զիս ամէն գնով առաջնորդել թակոյկներուն սենեակը։

-Բացի նիւթական անկարելիութենէն վասնզի բանտին դուռները սա ժամուն չորս մարդու ներկայութեան կը բացուին (կը ստէր անիկա հաճոյքով` բանտին մարմինին մէջ առնելով անոր ստորաշխարհն ալ, որ ենթակայ չէր միւսին օրէնքներուն)–, հանըմ էֆէնտին բարի կ’ըլլայ անշուշտ նկատի առնել անհուն պատասխանատուութիւնը, զոր իր փափաքին իրագործումը պիտի արժէր ինծի։

-Տեղակալ Աքիֆ պէյը իր բերնով կը խոստովանի, թէ բանալին իր քովն է։ Կը հաստատէ, թէ դուռը կրնայ բացուիլ։ Բայց կը խորհի հետեւանքներուն ու իր մերժումը կ’արդարացնէ հաւանական պատիժի մը սարսափով։

-Հաւանակա՞ն։ Բայց ստո՛յգ ըսէք, օրիորդ։

-Հաւանական կ’ըսեմ, վասնզի բացի Մուսթաֆայէն ոչ ոք պիտի գիտնայ դուռին բացուիլը։

-Ինչպէ՞ս։

-Շատ պարզ կերպով մը։ Ես պոռալու չեմ իմ այցելութիւնը աշխարհին։ Կ’ենթադրեմ նոյնիսկ, որ անիկա ապարդիւն կրնար անցնիլ։ Այն ատեն ան տղան պիտի մեռնի վաղը առտու եւ բանտը պիտի ծածկէ իմ քայլերուս հետքերը, ինչպէս այնքան ուրիշներունը։ Այնպէս որ, ձեր մերժումը իրաւացի ու անբուժելի բեկում մը պիտի արժէր իմ սրտին, տեղակալ Աքիֆ պէյ։

Կը խօսէր թեթեւ յուզումով։ Հասուն։ Մուշտակին գողտր գգուանքը անոր այտերն ի վեր թեթեւ ու բաց քաղցրութեամբ բաբախումի էր ելած` արտայայտելով խորունկ ու հեշտագին բանը, զոր կնոջ մը միսը կը հագնի, ներքին հեղումէն։ Այդ խռովքին մէջ՝ անիկա անդիմադրելի էր ուրիշէն աւելի ինքը իրեն։ Մեր մարմինը կը գտնէ այս հմայքները դժուար որոշումներուն լոյսովը կարմրած։ Մահուան գացող աղջիկ մը սրտառուչ է, հիներուն բառով՝ վսեմ, երբ կը նայի դահիճին։

Պահակին ներկայութի՞ւնը, «արջերու թոռներուն» հանդէպ ազնուական արիւններուն ընդոծին արհամարհա՞նքը, թէ աւելի տարօրինակ զգացումներ կը միջամտէին, որպէսզի անիկա չվախնար երիտասարդէն։ Ոչ միայն այդ։ Ըլլար պահանջկոտ, քմահաճ, շփացած ու քիչիկ մըն ալ կին, պահելու նոյն ատեն հովը, որ մեզ կ’ընէ կիրքէն ու ցանկութենէն վեր։

Անիկա, օգտուելով անորոշ լքումի մը ուրուանկարէն, որ սպային դէմքը կը տարտղնէր իր խստութենէն, մօտեցաւ անոր։ Համարձակ անոր նայուածքը կեցուց երիտասարդը, որ ատեն չունեցաւ ինքզինքը պաշտպանելու։ Երկարեց թեւը դէպի անոր գրպանը, ուր բանալիները ուռեցք մը կը կազմէին, մինչ միւս թեւը կը խաղար անոր վերարկուին մէկ կոճակովը։ Գլուխը հեռու անոր շունչին հասողութենէն, բայց վստահ իր ըրածին։

Այս ընտանութիւնը ունեցաւ իր ազդեցութիւնը։

Անոր ձեռքին մէջ էր բանալիներու տրցակը։

Ու այդ ամէնը արագ՝ որքան բնական։

Տեղակալը չկրցաւ ամբողջացնել հաստ իր ժպիտը, վասնզի աղջկան պայծառ լրջութիւնը կրկին տիրեց պատկերին։ Եղնիկը, բանալիները ձախ ճկոյթին՝ հեռացեր էր երկու քայլ։ Ու ասիկա նահանջ ալ չէր։

-Ձեզի հետ պիտի գամ։

-Ձեր գիտնալիք բանն է ատիկա։

Անոնք ելեր էին դուրս սենեակէն։

Վարանում։

Պահակին իմաստութիւնը հոս ալ միջամտեց, որպէսզի տեղակալ Աքիֆ պէյը մնար զգոյշ, չվտանգելու համար իր ու իր մեծին պատիւը, քանի որ իրականութիւնը ուրիշ էր արդէն։ Մինչեւ ստորաշխարհին դուռը պահնորդ խումբերու հանդիպումը անխուսափելի։ Ու զինուորին լեզուն ամէնէն անխելք բանը ըլլալուն չափ, ամէնէն ալ աղտոտ բանն է գայթակղական դէպքերու դիմաց։ Ի՞նչ հարկ իյնալ անոնց բերանին։

-Այնպէս չէ՞, տեղակալ պէյ, դուք ըսէք։

-Այնպէս է, - ստիպուած էր պատասխանելու խորունկ տրտմութեամբ երիտասարդ սպան, որ կ’երեւակայէր աղջիկը ստորերկրեայ կամարին ներքեւ, վախէն մեղմով հակած իր մարմինին…

Միւս կողմէ՝ նոյն այդ իմաստութեան փաստով, Եղնիկին համակրանքը ու հաւանական սէրը գրաւելու լաւագոյն եղանակը վստահիլն էր անոր, լիակատար ու պարզ վստահութեամբ։ Կիները միշտ տկար են զինուորականին հանդէպ։ Անոնք պիտի սիրեն զանոնք մա՛նաւանդ անոնց մեծանձնութեան դասէն նուաճուած։ Այսպէս կը մտածէր փիլիսոփայ ներքինին։ Ու կը հարցնէր.

-Այնպէս չէ՞, տեղակալ պէյ, դուք ըսէք։

-Այնպէս է, այնպէս է, - ստիպուած էր պատասխանելու միամիտ երիտասարդը, որ նման ամէն սիրահարի՝ տղու պէս կ’ախորժէր ինքզինքը յանձնելէ ուրիշին մտածումին, թելադրանքին ու նպաստին։

Սեւամորթը կը խորհրդածէր հանդարտ ու վարակիչ։ Ո՞ւր էր սորված սա սողոսկուն ու համոզկեր իմաստութիւնը։ Նման հարցում մը անիմաստ է՝ եթէ քրքրենք անոր կազմութիւնը, որ տեղի ունեցած էր կանանոցներու մթնոլորտին մէջ։ Կիները զանոնք կը յարդարեն իրենց դասական ու նենգ հրապոյրովը, որ կ’անցնի ամէն ներքինիի ուղեղին՝ ջիղերուն փոխարէն։

Առնելէ յետոյ բանալին, պատկառուն ու լուրջ ուրիշները նախատելու ձեւերէն մէկն է զանոնք խաբելու մէջ մեր հանդարտութիւնը–, զայն առաջնորդեց մարմար բակը։ Սպան կը քալէր յուզուած, պատասխանատուութեան զգացումէն աւելի՝ դեռ կրելով իր ջիղերուն վրայ կսկծագին բան մը։ Ապակեփեղկ դուռին՝ անիկա դանդաղեցաւ։ Սեւամորթը, մարգարէին անունով անոր խոստացաւ իր «ձեռքէն եկածը»։ Հանըմ էֆէնտին շատ աւելի մեծ զոհողութեանց արժանի աղջիկ մըն էր։

-Այնպէս չէ՞, տեղակալ պէյ, դուք ըսէք…

-Այնպէս է, այնպէս է…, - ստիպուած էր հաստատել «արջու թոռը», որ սուզուեցաւ մութին մէջ` մտաբերելով իր քաղաքիկը, անոր մեծահարուստ մէկ պէյին աղջիկը, քիչիկ մը ծանօթ, քոյրերուն մեղսակցութեամբը, բայց անհով, բայց փուտմիս, մօտիկը դրուած ներսի աղջկան։