***
Անոր
մեկնումէն
հինգ
վայրկեան
ետք,
աւաղելով
անդադար
բոլոր
աղջիկներուն
յիմարութիւնը,
յամառութիւնը,
անխղճութիւնը
–
անիկա
գիտակից
էր
իր
ալ
պատասխանատուութեան,
երբ
դէպքը
ծակէր
–,
սեւամորթ
պահակը
ինքզինքը
ապահովելով
ամէն
անակնկալի
(հայթայթած
էր
ատրճանակ,
մոմ,
լուցկի,
սուլիչ)
դէմ,
ինկաւ
հանըմ
էֆէնտիի
առաջքը,
որ
իր
մուշտակ-վերարկուին
վրայ
ձգեր
էր
կապարագոյն
մեծ
ուրիշ
վերարկու
մը,
եւ
բռնեց
ուղղութիւնը
ստորերկրեայ
կայանին։
Անիկա
ընտրած
էր
ամէնէն
կարճ
ճամբան։
Անսովո՞ր։
-Չէր
սա
պտոյտը
փաշային
աղջկան։
Պահնորդ
ջոկատները
նոր
չէ,
որ
կը
տեսնէին
զայն։
Մօրը
կամ
հօրը
հետ,
նոյնիսկ
առանձին,
անիկա
յաճախ
կը
ճեղքէր
սա
հրապարակը,
մա՛նաւանդ
ձիւնոտ
գիշերներուն`
երթալու
համար
հանդիպակաց
կառոյցները,
գրաւուած
քաղաքային
պաշտօնէութեան
ընտանիքներէն։
Նոր
կուսակալը,
համատի
աղջիկներովը
շաբաթը
մէկերկուք
ընդունելութիւն
կու
տար
սարայլըին
ու
աղջկան։
Տեսան
զայն
Անատոլուի
հեռաւոր
մէկ
խորշէն,
խրճիթէն
քաղաք
ինկած
մարդուկները,
տաքցան
ու
անցան։
……
Ճամբան,
մեզի
ծանօթ
տեքորով,
բայց
մութէն
այլայլուն։
……
Թակոյկներով
սենեակին
մուտքին,
սեւամորթ
պահակը
վառեց
պահեստի
մոմերը,
մեծ
դժուարութեամբ։
Խոնաւցած
անոր
մատները
լուցկին
ըրեր
էին
գուլ։
Ու
խելք
չէր
ըներ
լապտերը
գործածելու։
Այդ
անցքերուն,
աշխարհի
ծակ
ու
ծուկերուն
քաջածանօթ
աղուէսը
վախ
ունէր
կռնակէն,
հակառակ
անոր,
որ
մուտքի
դուռը
ամուր
էր
պաշտպանած։
Որո՜ւն
խելքը
կը
հասնէր
ուղիղ,
կը
յաւակնէր
հասած
ըլլալ
աղջիկներու
քմայքին,
թէկուզ՝
խոնարհագոյն
խրճիթներու
սեմին,
երբ
սանձակոտոր
կը
նետուին
սեւաչուի
ձիաւորին
ետեւէն,
հեքիաթին՝
ինչպէս
իրականութեան
մէջ։
Որո՜ւն
խելքն
է
հասեր
կիներու
գործին,
երբ
փաշաներն
ու
արքայազունները
կը
խաբեն
անոնք
իրենց
ամուսիններու
կապարճակիրին
կամ
խոհարարին
հետ։
Արեւելքի
կանանոցները
միայն
սեռին
բուժարանները
չեն,
այլ՝
անկամ,
գէջ
ու
տարօրէն
կենդանի
աշխարհ
մը,
ուր
կ’աճին
ճախինները
մարդերու
հզօրագոյն
կիրքին։
Ու
այդ
մօրուտքին
տիրական
անասունը՝
ներքինին։
Անիկա
պալատներու
գարշութիւնները
կը
հերկէ,
ինչպէս
երկրամայրը
հողերուն
իգութիւնը։
Ու
իմաստուն
է
կիներու
հաշուոյն։
Այսինքն՝
գիտէ
աւելի,
քան
սիրահարները,
ամուսինները,
հայրերն
ու
մայրերը։
Ու
կը
մտածէր
սեւ
Մուսթաֆան,
իր
տիրոջը
աղջիկը
ձգած
առջին,
իր
անսխալ
տախտակներով։
Ո՞վ
կ’երաշխաւորէր
աւելի
լայն
աստիճանի
վրայ,
սանձակոտոր
փախուստ
տուող
աղջիկներէն
ետքը,
զգայարանքները
արիւնը
խենթ
տղոց,
որոնք
սա
պայմաններու
մօտ
վիճակներով,
ելեր
էին
իրենց
հունէն,
դանակով,
բազուկով,
դղրդող
ու
անդիմադրելի
ու
ինկեր
կիներու
կռնակին՝
արիւնը,
կործանումը,
մահը
աչքերնին
առած։
Հեքիաթ
չէ
ասիկա։
Բանտի
երկու
հազար
հերոսներէն
կէսէն
աւելին
հոն
էր
եկած
արգանդի
ճամբով։
«Անօթի
փորը
ականջ
չունի»
ըսեր
է
ֆրանսացին։
Թուրքերը
ըսած
են
աւելի
խոր
իմաստութեամբ,
աւելի
խորունկ
բան
մը,
գրեթէ
նոյն
տարազով,
բառի
մը
միայն
փոփոխութեամբ,
փորը
վերածելով
սեռին
։
Ներքինին
կը
տրամաբանէր
տակաւին
աւելի
մօտ
տուեալներով։
Ո՞վ
կ’երաշխաւորէր
զգայարանքները
«արջու
թոռ»
տեղակալին,
որպէսզի
արջավայել
իմաստութեամբ
մը
չբռնաբարէր
մուտքը
բաւիղին,
իյնալու
համար
Եղնիկին
քամակին։
Կը
մտածէր,
գրաբար՝
կ’անդաճէր
պահակը`
ձեռնելով
ատրճանակը
ու
կը
քալէր։
Անոնց
աչքին
զարկաւ
դռնեզրին,
սաքուի
վրայ
մոռցուած
մեծ
լապտերը։
Ծռեցան
երկուքով։
Մոմերը
իրենց
կէսերէն
վար
իջեր
էին։
Ապակիներուն
վրայ
մեծ
մատի
հետքեր։
Տեղտեղ
կարմիրի
վրայ
տժգոյն
գիծեր,
որոնք
հեղուկի
քալուածքով
տարածուեր
էին։
Եղնիկը,
աւելի
սառնարիւն,
խելք
ըրաւ
կափարիչը
բանալու։
Մոմերը
վառելու
անոր
պարզութի՜ւնը։
Հարսանեկան
այդ
լապտերը
ինչե՜ր
կ’արթնցնէր
անոր
մէջ։
Հատիկհատիկ
բռնկեցան
ստեղները։
Այն
ատեն,
լոյսի
այդ
առատութեան
մէջ
բացուեցան
տեսարանին
մեծ
գիծերը։
Տիրականը՝
պարոյրն
էր
թակոյկներուն։
Պատերուն
ակռանե՛րը։
Անոնց
մէջ
կատարուած
հատումներուն
սուր
ու
անյարդար
լքումը,
որ
ոճն
է
պետական
շինութիւններուն,
այսպէս
անխնամ
ու
անճոռնի։
Անիկա
զարկաւ
թակոյկի
մը
փորին,
որ
արձագանգեց։
Պարա՜պ։
Հասակէն
բարձր
էր
հողէ
ամանը
ու
նման
ամէն
կոկիկ
աղջիկի,
հագուստը
զգուշանալով՝
անիկա
չմսեցաւ
անկէ
ներս։
Ուրիշներ,
ցածուկ։
Որոնց
երեսին
ջուրը
կը
խտղտար
կիսակարմիր
լարերով։
Մարմար
բակէն
մինչեւ
սա
մուտքը
վերատեսուչ
փաշային
անիմանալի
աղջիկը
չտուաւ
ու
չառաւ
ոչ
մէկ
հարցում։
Պճլտուն,
աղբիւրի
պէս
անսպառ
անոր
բերանին
սա
կղպուածքը,
այսքան
նոր
ու
մռայլ
տեսիլներու
ընդմէջէն,
մա՛նաւանդ
դէպի
արիւնի
հանդէս
մը,
տպաւորեց
իմաստնայեղց
պահակը։
Կիներու
ներանձնական
ճնշումներուն
անգայտաչափը
ներքինին
է
յաճախ։
Փոթորիկէն
առաջ
դասական
է
օդերուն
կապարեայ
լռութիւնը։
Սեւամորթը
վախցաւ։
Ու
վախցաւ
շատ
մը
բաներու
համար,
մէկ
անգամէն։
Քսան
տարի
է
կը
ծառայէր
պալատին,
անկէ
առաջ
ուրիշ
պալատի։
Իրեն
պատահեր
էր
իյնալ
աղջիկներու,
մինիմինի
հանըմներու
առջին
ու
տանիլ,
ամէն
մարդ
գիտէ
ո՛ւր։–
Պատշգամ,
ջրամբար,
պարտէզի
մէջ
յարդարուած
տաղաւար,
ճոխ
սենեակներ,
վստահ՝
հոն
սպասող
արուին
անձէն,
ցեղէն,
աստիճանէն։
…։
Հո՜ս։
Անիկա
կը
մտնէր
անծանօթին
մէջ
սա
աղջկան
վրայով։
Ո՞վ
էր
դրած,
անոր
տակաւին
կակուղ
ուղեղին,
սա
խենթութիւնը։
Մէկ
քայլով
վտանգելու
աստիճան
այնքան
բաներ։
Ո՞վ՝
այդ
հայուն
կտորը,
որոնց
հազարը
փարա
մը
չէր
արժեր,
չորսհինգ
տարի
առաջ,
երբ
շուկաներու
երեսին
գնդակն
անգամ
շատ
կը
տեսնէին
անոնց
սատակումին։
Սենեակսրահէն
ներս
մտնելէ
առաջ,
Եղնիկը
ուսերէն
նետեց
կապարագոյն
վերարկուն։
Զոր
փութաց
կախել
գամի
մը՝
մտազբաղ
պահակը։
Հանըմներու
մարմինէն
կարելի
հետքեր,
–
թաշկինակ,
բոյրի
սրուակ,
ապարանջ,
մատնի,
թուղթ,
պայուսակ,
զգեստի
մաս
անոր
զարհուրելի
թշնամիները
եղան։
Ժամադրումներու
այդ
լուռ,
բայց
անհերքելի
վկաները
բաւ
էին
կիները
ընդմիշտ
վտանգելու։
Ու
փորձառաբար
անիկա
յաճախանքին
տակն
էր
ամէն
առարկայի,
որ
կիներու
վրայէն
կը
զատուէր…
արկածներու
տեւողութեան։
Ան
ի՜նչ
հայհոյանքով
անիկա
կը
հաւաքէր
փշրանքները
սեռային
փոթորիկին,
երբ
կիրքէն
խելայեղ
այդ
հանըմները,
իրենց
մարմինը
մերկելու
աճապարանքին
մէջ,
իրենց
կոճակները
կը
փրցնէին,
կամ՝
իրենց
մազերու
որաները
պարպելու
ատեն
իրենց
միսերուն
ձիւնին
վրայ,
փղոսկր
ու
ոսկի
սանտրերն
ու
ասեղները
կը
մոռնային
բարձերու
փոսին,
սաւաններու
ակօսին։
Գամէն
կախ
սա
վերարկո՜ւն։
Սեւամորթը
հետզհետէ
առնուեցաւ
սա
քայլին
խոր
տարօրինակութեամբը։
Ի՜նչ
ունէր
պզտիկ
հանըմը
սա
չտեսնուած
տղուն
հետ։
Անիկա
մօտեցուց
ցերեկուան
իր
պաշտօնը,
Սողոմին
խօսելու,
սա
«արկածին»
հետ։
Բայց
անոր
ուղեղը
չկրցաւ
իրարու
կապել
երկու
դէպքերը,
ա՛յնքան
վեր
էր
այս
վերջինը
առաջինէն,
որ
ամէն
միւսլիւմանի
սրբազան
պարտքն
է։
Հաւատացեալին
համար
աստուածահաճոյ
գերազանց
արա՜րքը.
ճեհեննէմի
դատապարտեալ
մը
ճեննէթի
զաւակ
ընծայելն
է
եղած։
Բարիքի,
խերի
այս
զգացումը
գոց
է
մատաղներուն՝
ինչպէս
տարւօքներուն
մէջ։
Լոյսին
անհաստատ
խաղը
կը
նպաստէ՞ր
սա
հոգեկան
տարտղնումին,
որպէսզի
չկարողանար
ինքզինքը
կապել
մտածման
մը
անիւին։
Անոր
ձեռքը
ճակտէն
վար
ըրաւ
բարակ
քրտինք
մը։
Խորութեանց
մէջ
բարեխառնութիւնը
անփոփոխ
է։
Սա
քրտի՞նքը։
Մտածեց
նորէն
ամենագէտ
պահակը
ու
կը
տառապէր։
-Ի՜նչ
տաք
է…
Եղնիկն
էր։
Ձայնը
ջանաց
երկարել,
բայց
շուտով
փրթաւ
ու
թափեցաւ
վրան,
բաղնիքի
կամարէն
շոգիին
նման։
Այս
կարգի
զգայութեանց
զեղծումներ,
նոյնիսկ
հոգեկան
խորունկ
տագնապներու
պահուն
նոթուած
են
վերլուծողներու
կողմէ։
Եօթնաստեղն
լապտերը՝
սեմին։
Եղնիկը
նետեր
էր
ձեռքերը
մազերուն,
որոնք
վերարկուին
հանուելովը
կորսնցուցած
էին
իրենց
պարոյրը։
Զարդարա՞նք։
Հարցուցէք
ատիկա
կիներուն։
Այդպէս
յարդարուած՝
անիկա
եղաւ
պատշգամին
անիմանալի
պուպրիկը։
Յուզումը,
վախը,
օդին
ճնշումը
թեթեւ
մը
վարդերանգած
էին
մորթին
դալուկ
ճերմակը,
այտերուն
վրայ
չարի
մը
պէս
փռելով
Պրուսայի
դաշտին
դեղձային
մարմրուքը,
որ
պտուղներն
ու
միսերը,
մինչեւ
իսկ
շերամներուն
թելերը
կը
պահէ
իր
պատգամին
ներքեւ։
Մատի
քանի
մը
ճարտար
հարուած
աշխատած
էր
տարտղնել
այդ
կիսակարմիր
բեհեզը
դէպի
գիծերը
կզակներուն,
դեղին
սաթի
խմորի
մը
մէջէն,
որով
կը
խոնարհէին
անոր
այտերը
դէպի
վիզը։
Մուշտակին
օղակը։
Որ
ճերմակէն
տարբեր
բանով
մը
կը
բաժնէր
անոր
դէմքը
մեղրագոյն
իրանէն։
Մոմերուն
լոյսը
մեր
զգեստներուն
կը
շնորհէ
տեսակ
մը
հեղուկութիւն`
մետաքսի
դոնդողի
մը
վերածելով
թաւիշն
ու
բեհեզը,
աղջիկներու
քամակէն։
Մութի
խա՞ղ,
աչքի
պատրա՞նք,
–
օղակը
կը
թուէր
զատել,
վերցնել,
օտարացնել
անոր
գլուխը։
Ուր
այտերու
բացատներուն
բան
մը
կը
բաբախէր,
պարմանի
յուզումը
պարզ
ու
բարակ,
ինչպէս
կրակ
մը,
զոր
թեթեւ
շունչ
մը
կը
ջանայ
բանալ
մաղմաղին
գորշութենէն։
-Որո՞ւ։
Մտածեց
պահակը,
բայց
անձայն,
լապտերը
կախ
աջ
ձեռքէն՝
անցաւ
ներս։
Ետեւէն
ինքզինքը
բռնած,
այսինքն՝
երկու
ձեռքը
երկու
ծիծերուն,
արգիլելու
համար
կուրծքին
ձայնը
դէպի
դուրս,
Եղնիկը
հետեւեցաւ
պահակին։
Անորոշ,
ուրուային,
երկիւղառիթ
մութը
տեղի
տուաւ
մեծ
լապտերին։
Անոնց
առջեւն
էր
լայն
սենեակը,
խոնարհող
առաստաղով,
կեդրոնի
աւազանին
կանոնաւոր
բոլորակովը։
Դէմէն՝
սեւ
փորուածքը,
ուր
աղօթեր
էր
շէյխ
Սապիթը՝
ոճիրէն
առաջ։
Առաջին
զգայութի՞ւնը։
-Առաստաղին
փակած
իրա՜նը,
երկայնահասակ
երիտասարդին։
Կապի
բարակութի՞ւն,
թէ
զգայութեան
արագութիւն.
այդ
մարմինը
կը
թուէր
բխած
առաստաղին
այդ
կէտէն
ու
մորթուած
անասունի
մը
նման
անցած
կեռին։
Սառեր
էր
արիւնը
անոր
երակներէն։
Ու,
մասնակի
պատրաստուած
ըլլալուն
հակառակ,
սիւրմէլի
ֆաթման
չէր
կրցած
զսպել
գութի,
սարսափի
դասական
ճիչը.
-
Աննէմ
…
Թուրքերն
ալ
կը
պոռան
իրենց
մամաներուն։
Սեւամորթը,
քաջատեղեակ
ոճիրին
մանրամասնութիւններուն,
փութաց
զայն
սրտապնդել.
-Մի
վախնար.
մեռած
է
շատոնց։
Խուլ,
գուլ,
խոռոչաւոր
էր
անոր
ձայնը։
Կամարակապ
վայրերու
համար
խօսելու
բացառիկ
գիտութիւն
մը
չկայ
անշուշտ,
որ
աղջիկները
սրտապնդուին։
Դողը
կը
ծաւալէր
անոր
երակներէն։
Մահուան
հետ
անդրանիկ
ճակատումը
ունի
այս
մութ
քայքայումները
մենէ
ներս։
Փաշաներու
աղջիկներն
ալ
պիտի
մարզուին
այդ
կոծումներուն։
Անոնց
առջին
աւազանին
բոլորակը,
ութանկիւն
յօրինուածքով։
Սալերէն
շատին
վրայ
լատինական
տառեր։
Զանոնք
իրարու
հիւսող
կապար
ձողիկները
միսի
մէջ
մխրճուած
կարիճներու
կը
նմանէին
ու
խորապէս
տխուր
բան
մը
կը
բարձրանար
անոր
չերեւցող
երեսէն։
Ճակատի
այս
ամայութիւնը
զայն
դարձուց
աջին։
Սողոմը,
ծունկերուն
վրայ։
Որ
չկրցաւ
փախցնել
իր
երկարած
գլուխը։
Լսեր
էր
քայլերը
շատ
հեռուներէն։
Հանած
խաչը
մտովի։
Պատրաստած
էր
հոգին
ու
ակռաները
խածնելով
աչքերը
փակած։
Ժամ
մը
ամբողջ
անիկա
այսպէս
մարզեր
էր
ինքզինքը
գերագոյն
րոպէին,
արժանիքով,
քաջութեամբ
դիմաւորելու
համար
մահը։
Իր
արհամարհանքը
թուրքէն
անոր
մէջ
փոխուեր
էր
քաղցր,
սրտապնդիչ
հաւատքի։
Լոյսը
անոր
իմացական
սա
կառոյցը
քայքայեց
քիչ
մը։
Ուզած
էր
բարձրանալ
սրունքներուն
վրայ`
չգիտնալով
պատճառը։
Բայց
փլած
գետին։
Անոր
ծունկերը
կտրեր
էին
իրենց
կապերէն։
Ու
ձեռքերը
զիստերուն,
սպասման
տարօրինակ
անձուկով՝
անիկա
երկարեց
իր
գլուխը։
Տժգոյն։
Զուրկ՝
ամէն
արտայայտումէ։
Գերեզմանէն
բխած
մարդերը
հեքիաթը
այս
երանգով
կը
պատկերեն։
Մինչեւ
կեանքին
առաջին
կրակները,
այդ
ուրուականները
զետեղելի
չեն
արարածներու
սանդուխին։
-Հոս
է։
Եղնիկը
ինքնիրեն
էր
ըսած
ու
քալեց։
Երկրորդ
անոր
քայլը
գտաւ
Մաթիկ
Մելիքխանեանցը,
կիրէն
ալ
ճերմակ
երեսով։
Ու
ամբողջ
թղթածրարը
անոր
դատավարութեան։
Ու
ամբողջ
եղջերուաքաղը
անոր
ուսերուն
բարդուած
ոճիրներուն,
որոնց
հաւատացեր
էր
հօրը
նոթերը
ըրած
պահուն,
քիչ
յետոյ
առանձնութեան
մէջ
հերքելու
համար։
Ու
անոր
պատկերը,
տակաւին
քանի
մը
ժամ
առաջ,
աղբիւրի
գլխին,
ջուր
խմելու
համար։
Բայց
մա՛նաւանդ
անոր
համարձակ,
ուզող
նայուածքը,
որ
ծակեր
էր
անոր
բիբերը,
պատռեր
անոր
հոգիին
անհուպ
դոնդողը
ու
իջեր
դէպի
խորունկ
առանձնարանները
անոր
մարմինին,
ուր
մեր
անձը
կը
քնանայ,
հեքիաթին
աղջիկին
նման,
սպասելով
ձիաւորին…։
Առաջին
ուժով
աչքը՝
անոր
մարմինը
խտղտող։
Տարօրինակ
էր,
որ
լապտերէն
լոյսը
կապուտիկ
շերտեր,
բիծեր,
ալեակի
կտորներ
ստեղծէր
այդ
միսերէն,
որ
մեռելի
անոր
երեսները
կը
կազմէին,
ջախջախուած
մարմինին
խառնակոյտ
աւերակին
վրայ։
Դիակի
այս
իրականութիւնը
երկրորդ
զօրաւոր
ցնցումով
մը
զայն
դողացուց
ոտքէն
մինչեւ
մազերը։
Բայց
չունեցաւ
առաջին
ճիչը։
Սողոմին
ներկայութիւնը
զսպեր
էր
անոր
«մայր»ը
դեռ
կոկորդին
մէջ։
Այս
ճիգը
նեղցուց
անոր
շունչը։
Փէշե՞րը
քսուեցան
Մաթիկին
բաճկոնին,
որպէսզի
ընդոստ
նետուէր
ասդին։
Մեռելները
մատներ
ունէի՞ն,
ինչպէս
կը
կարծէր
երբեմն
հեքիաթը։
Քովն
էր
Սողոմին։
-Թուրքերէն
գիտե՞ս։
Այս
հարցականը
անիկա
դրեր
էր
մտքին,
բաւիղ
մուտքէն
անմիջապէս
յետոյ։
Մանկունակ
են
ու
կը
մնան
մեր
բոլոր
որոշումները,
որքան
ատեն,
որ
դառն
հիասթափումներ
մեզ
իմաստուն
չընեն։
Հասուն
աղջկան
մը
համար,
օտարականի
մը
հետ,
առաջին
բա՞ռը։
–
Իրա՛ւ
որ
բան
մը
կ’արժէ։
Տղան
չհասկցա՞ւ,
թէ
չուզեց
պատասխանել։
Վեր
էր
առած
սակայն
ուժատ
կոպերը։
Անոր
աչքը
հազիւ
կրցած
էր
սանկ
կէս
նայուածք
մը
ըլլալ։
-Չե՞ս
լսեր։
-Կը
լսեմ։
-Թուրքերէն
գիտե՞ս։
-Գիտեմ։
-Ոտքի
ելիր։
Սողոմը
ըրաւ
ճիգ։
Մկաններու
եւ
ճիգի
խառնշտուկ
մը
աւելի
տժգունցուց
անոր
դէմքը։
Կիսատ
տուաւ
անիկա
շունչը։
Մնացեր
էր
գամուած
իր
ծունկերուն։
-Չեմ
կրնար։
-Ինչո՞ւ։
Չէ՞ր
գիտեր,
սա
հարցումը
ըրած
պահուն,
երեք
ժամերը,
որոնք
անցեր
էին
դաժան
տեսարանին
սկիզբէն
ասդին։
Անիկա
չգործադրեց
մտքին
ուրուացող
շարժումը։
Նոյն
ատեն
իր
արարքը
թանձրութիւն
կը
ստանար։
Մեծ
յուզումներու
խթանին
տակ
մեր
գործունէութիւնը
հոլովման
արագութեան
կ’ենթարկուի
եւ
կը
կորսնցնէ
իր
անհատականութիւնը։
Կը
վազենք
ու
չենք
տեսներ
մեզ։
Քոմանտան
փաշային
աղջիկը
անշուշտ
լիովին
չէր
գիտակցեր
զինքը
մղող
ուժերուն։
Սողոմին
հետ
դէմ
դէմի
կենալ
մը
զինքը
դարձուց
մեծ,
վտանգաւոր
իրականութեան։
Ինչո՞ւ
եկած
էր։
Ընելի՞քը։
Ըսելի՞քը։
Ու
կը
նայէր
տղուն,
որուն
կախ
գլուխը
ուժ
չունէր
ինքզինքը
վեր
ընելու։
Եղաւ
այն
վարանքով
լռութիւնը,
ուր
խօսքն
ու
շարժումը
կը
փնտռուին,
բայց
կը
խուսափուին։
Իջաւ
անիկա
իր
ծունկերուն։
Ըրե՞ր
էր
այդ
շարժումը,
օրեր
առաջ,
հիւանդանոցին
մէջ,
երբ
փակաչք
ու
զառանցող
տղուն
սնարին
անիկա
այցուեր
էր
զօրաւոր
դողէ
մը,
զիստերն
ի
վեր,
զոյգ
թեւով,
որ
կը
միանար
աւելի
բարձր
կէտի
մը։
Այն
ատեն
ալ,
ինչպէս
հիմա,
սա
տղուն
դէմքին
վրայ,
խոր
տժգունութենէն
դուրս
քիչ
բան,
որ
անոր
ոճիրը,
ասոր
կապուած
խռովքն
ու
հետեւանք
մահը
թելադրէր։
Այս
պատրանքը
չի
բացատրուիր
կողմերու
հոգեբանութեամբ
մը։
Փաշաներու
աղջիկները
վայելքէն
դուրս
ձեւով
չեն
կրնար
ըմբռնել
երիտասարդութիւնը։
Թուրքերով
տիրապետուած
հողերու
մէջ
ամէն
հայ,
սա
տարիքներուն,
ինքզինքը
բռնուած
կը
զգայ
խուլ
մղձաւանջով
մը,
որ
չի
մեկնուիր,
բայց
իրական
է
անոր
ջիղերն
ի
վար։
Կեանքը
փոխ
տրուած
բան
մըն
էր
մեր
երակներուն։
Պարտուած
քաղաքի
մը
մէջ
ինծի
տրուեցաւ
խոր
ու
պայծառ
խտութեամբ
մը
փորձը
առնել
այս
զգայութեան։
Հոն
կապուած
մարդեր
կային,
որոնք
կացինին
տակ
գլուխ
ծռելէ
առաջ,
այնքան
հեռու
կը
թուէին
մահէն։
Հրացանի
որոտ
մը,
ռումբի
մը
պայթումը
երբեմն
բաւ
են
մթնոլորտ
յարդարելու
դէպի
սա
զգայութիւնները։
Յետոյ՝
ինծի
կու
գայ,
որ
մենք
մեր
սպասումը,
մահուան
համար
հասունութիւնը
աւելի
յստակ
կը
տեսաբանենք,
երբ
ստիպուած
կ’ըլլանք
մեր
հասակը
բաց
կրելու,
փոխանակ
զայն
ծալած,
առնել
նստելու։
Անոր
ճիշդ
դէմը,
սեւամորթը։
Որուն
ձեռքէն
ատրճանակը
սեւ
շողիւնով
մը
խտղտեց
ու
խոցեց
անոր
աչքը։
-Դիր
գրպանդ։
Սուր,
շեշտ,
նեղուած՝
այդ
հրամանը։
Մեղմ,
քաղցր,
էգ՝
անոր
միւս
շարժումը,
որով
կիները
իրենց
քղանցքները
կը
տարածեն
իրենց
աչքերուն։
Նոյն
ատեն,
անոր
մազերէն,
շունչէն,
հագուստներէն
բարակբարակ
հաւաքուեցաւ
ու
փրթաւ
հոտաւէտ
այն
հոսումը,
որ
հարուստ
տիկիններուն
ետեւէն
կը
պտըտի,
ու
անոնց
ներքին
անձնաւորութեան
փլազման
կը
յօրինէ,
տարօրէն
պարզ,
ընտանի՝
մեր
ռունգերուն,
մեզ
խռովելով
իրական
ուժգնութեամբ։
Այսպէս
կը
տպաւորեն
կիները
հեռու
զգայարանքներ։
Սողոմը
այցուած
էր
հիւանդանոցէն։
Հոտերուն
ճամբով։
-Զիս
կը
ճանչնա՞ս։
-Տեսեր
եմ։
-Ո՞ւր։
-Հիւանդանոցը։
-Քունի՞դ
մէջ։
-Կարելի
է։
Տեսած
եմ
պատշգամին
ալ։
-Ե՞րբ։
-Օր
մը,
շաբաթ
մը
առաջ։
-Լաւ։
Եկած
եմ
քեզի
օգտակար
ըլլալու։
Աչքերուն
հասողութեան
իջած
անոր
դէմքին՝
Սողոմը
աշխատեցաւ
նայիլ
աւելի
ուժգին։
Բայց,
իմացական
շփոթումով
մը
եղաւ
հեքիաթի
մը
կախարդուած
մէկ
պալատին
մէջ,
ուր
իրեն
պէս
շղթայուած
երիտասարդի
մը
առջին
կը
կենար
նման
աղջիկ
մը,
ձեռքին
ոսկի
մկրատ…։
Անիկա
ճիգ
ըրաւ
միտքը
ազատել
ցնորքէն։
Ու
գիտէր,
որ
պիտի
չկրնար,
ինչպէս
չէր
կրցած
շղթայակապ
երիտասարդը…
-Ինչո՞ւ
կը
վախնաս
ինծի
նայելէ։
-Կ’ուզեմ
նայիլ,
բայց
դժուար
է։
Չէր
գիտեր,
թէ
կը
յայտնէր
հոգեկան
ու
մարմնական
իր
սպառումին
սաստկութիւնը։
Մարդոց
ջիղերը,
երկաթ
ալ
ըլլան,
պիտի
մաշին։
Պիտի
մաշէին
այն
քանի
մը
ժամերէն,
որոնք
անոր
ետեւը
կը
կենային։
Ոճիրին
ամբողջ
տեւողութեան՝
անիկա
չափեր
էր
Նալպանտենց
տունը,
մուտքը,
զոյգ
սպանութիւնները,
Աղուորին
մարմինը
ու
կրակը…։
Յետոյ՝
յանձնուած
լքումին։
Հոգին
խածած՝
որոշեր
էր
չզգալ,
մահը
անիրացնել։
Սպանողներուն
մեկնումը
պահ
մը
պղտորած
էր
իր
դժուար
խաղաղութիւնը,
զինքը
դարձնելով
իր
մենութեան,
մա՛նաւանդ
վաղուան
սպառնալիքին։
Ու
…
աղօթք
ալ,
շարական
ալ,
Նալպանտենց
հարսն
ալ
եկեր
ու
անցեր
էին,
մինչեւ
որ
կեանքի
ու
մահուան
ուրուն
յոգներ
էին
իրենք
իրենցմէ,
ձուլուելով
միապաղաղ
մշուշի
մը
մէջ,
որ
կը
փռուի,
կ’ըսեն,
անոնց,
կեանքին
ու
մահուան
մէջտեղ։
Հեքիաթը
երբեմն
կը
շահագործէ
այդ
չէզո՜ք
գօտին։
-Լաւ
մտիկ
ըրէ
հանըմ
էֆէնտին։
Եղնիկը
հաճոյքով
հանդուրժեց
սեւամորթ
սա
միջամտութիւնը,
հոգեկան
անզբաղութեան
օրէնքով
մը,
որ
մէջտեղը
կը
կենայ
մեր
անգիտակից
աշխարհին
եւ
դեռ
անտարազ
որոշումներուն։
Անիկա
տակաւին
չունէր
յստակ,
իր
մտքին
մէջ,
տարրերը
ըսելիքին
ու
ընելիքին։
Վէպերու
աղջիկ,
թերթօնական
սա
աշխարհին
մէջ
մխուելէ
յետոյ
է,
որ
զգաց
կշիռքը
իր
արարքին։
Ու
նայուածքով
քաջալերեց
ճարտար
փաստաբանը,
որուն
համոզիչ
լեզուն
կ’արժէր
աւելի
քան
եօթը
աղջիկ,
թուրք
տունէ
ժմնած։
-Քեզի
աղէկութիւն
ուզողն
է։
Պահակը
կեցուց
նախադասութիւնը,
ատեն
տալու
համար
տղուն,
որպէսզի
միտքը
պատրաստէ
մօտիկ
անցեալին։
-Այն
ատեն
չտուի
անունը։
Ու
ձեռքի
կլոր
շարժումով
անիկա
տղուն
միտքը
նետեց
ցերեկուան
սենեակին,
հընզըրներուն
հետ։
-Կը
յիշես,
չէ՞,
քեզի
տրուած
խրատները։
Սողոմը
կը
թուէր
հաւաքել
իր
միտքը։
Անոր
դէմքին
եղաւ
քիչիկ
մը
հանդարտութիւն։
Որմէ
յետոյ,
անոր
կոպերը
ըրին
հաստատական
շարժումը։
-Այն
ատեն
անունը
չէի
կրնար
տալ։
Կեավուրները
թոյլ
բերան
կ’ըլլան։
Հիմա,
ահա
ինքը։
Կ’ուզէ,
որ
ազատիս։
Մեղք
է
արեւուդ։
Միտքդ
կու
գա՞յ։
Բառ
առ
բառ
կը
կրկնեմ
ըսածներս։
Սողոմը
գլուխով
հաստատեց
պատմումը։
Անոր
աչքերը
կը
թուէին
ուժովնալ։
Բայց,
յատկանշական
պարագայ,
անոր
մէջ
ուրախ
տարրը
կը
պակսէր
դեռ,
մահուան
բերնէն
այդքան
իջնալէ
ետք,
բայց
դժուար
կը
դառնար
կեանքին։
-
Հասկցա՞ր,
թէ
ո՛վ
եմ։
Ըսաւ
համարձակ,
բայց
եղաւ
անհամարձակ
առնելու
ափին
անոր
ձեռքը,
ինչպէս
բանաձեւած
էր
անոր
միտքը,
իր
առաջին
շարժումը,
տղուն
հետ
ծանօթացումէն
ետք,
երբ
տուեր
էր
որոշումը
թակոյկներու
սենեակը
մտնելու։
Անոր
երկրորդ
շարժումը
պիտի
ըլլար
զայն
հրաւիրել
երգելու,
թէեւ
կը
զգար
անտեղի
այդ
փափաքին
ծանրութիւնը,
այդ
պայմաններուն
մէջ։
Մտածեց,
բայց
չբռնեց
անոր
ձեռքէն,
«քրոջ
մը
պէս
հետը
խօսելու»։
-
Հիմա,
պիտի
ըսես
ինծի
գիտցածներդ։
-
Ատով
դուն
կ’ազատես
քեզ։
-
Ես
երդում
կ’ընեմ,
որ
քեզ
կրնամ
վար
առնել
կախաղանէն։
-
Հանըմ
էֆէնտիին
մայրը
սարայլը
է։
Թագաւորը
անոր
խօսքը
չէ
կոտրած։
-
Ես
կ’ազատեմ
քեզ։
-
Ի՞նչ
բանէ,
-
յաջողեցաւ
տարազել
մեծ
ճիգով
Սողոմենց
տղան,
որ
չէր
հասկնար
խօսակցութեան
մութ,
չըսուած
մասը։
-
Ասոնց
ճակատագրէն։
Ու
նայուածքով
ցոյց
տուաւ
Մաթիկն
ու
ա
ռ
ա
ստաղէն
«բխած»
տղան։
Նոյն
թարթումը
մէկ
գիծի
էր
բերեր
երկու
դիակները։
-
Ես
փաշային
աղջիկն
եմ։
Ինչո՞ւ
կը
կրկնէր՝
ինչ
որ
ծանօթ
էր
տղուն։
Կեցաւ։
-Մամաս
կը
սիրէ
հայերը։
Կեցաւ։
-Մենք
Հաւատիս
մը
ունինք,
որ
քեզի
պէս
անուշ
կ’երգէ։
Ան
որքան
շատ
երգեր
գիտէ…
Կեցաւ։
-Գիտես,
թէ
ես
շատ
կը
սիրեմ
անուշ
ձայնը։
Տաք,
հաւատաւոր,
հետզհետէ
աւելի
համարձակ։
Եղնիկը
կը
տեղաւորուէր
`
ինքզինքը
հանելով
իր
թերխաշ
որոշումներուն
միգամածէն։
Անիկա
զգայութիւններ
կը
բանաձեւէր
`
յայտնելով
ձայներու
հանդէպ
իր
արիւնին
ժառանգական
տկարութիւնը։
«Հաւատիս»ը
հայ
մըն
էր։
-
Ի՞նչ
կ’ուզէք
ինձմէ։
-
Ըսես
շիտակը։
-
Ի՞նչ
բանի
շիտակը։
-
Քոմիթաճիներուն
շիտակը։
Քաղաքականութիւնը
մեծերուն
գործն
է։
Աղջիկներու
բերնին
տգեղ
է
անիկա։
Եղնիկը
սահեցաւ
փորձանքէն
ու
հարցուց,
քաղաքականէն
պարզ
ոճիրը
անցնելով,
դատական
կարգուսարքին
քիչշատ
վարժ
ճամբով
մը.
-
Դուն
մատ
ունի՞ս
ադ
մարդոց
մեղքերուն
մէջ։
-
Ո՞րն
էր
անոնց
մեղքը։
-
Կեավուրութիւն
չ’ուզեր,
-
միջամտեց
սեւամորթը,
-
մեզմէ
լաւ
գիտես
ատոնց
մեղքերը։
-
Մուսթաֆան
խելացի
մարդ
է։
Ըսէ
շիտակ
ինչ
որ
գիտես
այդ
մարդերէն։
Ո՛չ
միայն
քեզի
պիտի
ըլլաս
օգտակար,
այլեւ՝
ձեր
բոլոր
գեղին։
Գիտցած
ըլլաս։
Յետոյ
խորհէ
ինչ
վտանգ
աչք
եմ
առեր,
մինչեւ
քեզի
հասնելու։
Ձեռքովդ
մի
կործաներ
քեզ։
Ըսէ
անվախ
բոլոր,
բոլոր
գիտցածներդ։
-
Բայց
ես
շատ
քիչ
բան
ունիմ։
-
Ըսէ
քի՛չը։
-
Իմ
գիտցածս,
օտարական,
ղարիպ
մարդեր
էին,
ոչ
ոքի
գէշութիւնը
ուզող։
Այսքան։
Լսածս,
տեսածս
ասկէ
անդին
չ’անցնիր։
-
Տեսնուեցա՞ր
հետերնին։
-
Այո։
-
Ո՞ւր։
-
Ակնաղբիւրը։
Պրուսան
ունի
իր
նշանաւոր
Ակնաղբիւրը,
քաղաքին
ամէնէն
նկարչագեղ
դիրքերէն
մէկը։
-
Հո՞ս,
մե՞ր
Բունարպաշի
ն։
-
Գեղը։
-
Ի՞նչ
որոշումներ
տուիք։
-
Երգեցի։
-
Երգեցի՞ր։
-
Այո։
-
Ի՞նչ
երգեցիր։
-
Դուն
չես
կրնար
հասկնալ։
-
Ինչո՞ւ։
-
Հայ
չես։
-
Մինակ
հայե՞րը
կը
հասկնան։
-
Մինակ
հայերուն
մայրերը
այդպէս
կը
փնտռեն
իրենց
սիրելի
զաւակները
ու
կու
լան։
-
Օ՜,
ատիկա
մեր
Հաւատիսին
երգն
է։
Որքան
լսեր
եմ։
Մայր
մըն
է,
չէ՞։
Տղան
չպատասխանեց։
Ազգային
երգերու
դէմ
տաճկական
հալածանքը
խոր
տպաւորութիւն
էր
ձգեր
մէջը։
Եկաւ
աչքին
մռայլ
տեսարանը,
երբ
վարժապետը
հաւաքելէ
յետոյ
տղոց
ձեռքով
շինուած,
գլխագիրները
թռչնանկարուած
բոլոր
երգարանները,
նետեր
էր
մոմ
հալեցնող
կաթսային
տակը,
աչքերը
սրբելէն։
Ու
դրացի
գեղի
մը
վարժապետներուն
շղթայակապ
ա՜նցքը՝
փողոցէն,
որոնք
աքսոր
կ’երթային
«
Ազատն
Աստուած
»
ը
փախցնել
չկրնալնուն
դատաւորի
մը
խուզարկութենէն։
Այս
պատկերներու
խուժումին
տակ՝
անիկա
կարմրեցաւ
քիչ
մը։
Ու
հակառակ
անոր,
որ
մահէն
չունէր
վախնալիք,
մարմնական
շարժումներով
փորձեց
իր
ներքին
խռով
ք
ը
տարտղնել։
Անիկա
ջանք
ըրաւ
փոխելու
նստուածքին
ձեւը։
Չէր
կրնար։
-Ծո՞ւնկդ
կը
ցաւի։
-Կը
ցաւի։
Նոր
տեսաւ
մուշտակաւոր
օրիորդը
խորտուբորտ
մարմարը,
որուն
վրայ
Սողոմենց
տղան
ծունկ
էր
ըրած,
ով
գիտէ
քանի՜
ժամէ
ի
վեր։
-
Մուսթաֆա,
վերարկուն
բեր։
Դժկամ՝
պահակը
հեռացաւ,
հրամանը
գործադրելու,
լապտերին
լոյսը
տեղաւորելով
դէպի
մուտքը։
Անոր
քայլերը
ծանրծանր,
բայց
գուլ
ձայներ
ունէին։
Նայեցա՞ն
իրարու,
քիչ
մը
աւելի
համարձակ։
Սեւամորթը
դարձին,
գտա՞ւ
Եղնիկը
քիչ
մը
աւելի
մօտ՝
տղուն,
թէ
իր
աչքերուն
այդպէս
երեւցաւ։
Եղնիկը
ծալեց
վերարկուն
եւ
իր
ձեռքերովը
զայն
տեղաւորեց
տղուն
ծունկերուն
տակ։
-
Ի՞նչ
կ’ընես,
հանըմ
էֆէնտի։
Սիրտէն
կ’երթար
պահակին.
պզտիկներու
հինցած
զգեստներուն
իրաւատէրն
էր
անիկա,
հեռաւոր
մօրաքրոջ
մը
աղջիկներուն
համար
կը
հաւաք
է
ր
զանոնք,
ամէն
տարի,
պայրամին։
-
Լռէ՛։
Սաստեց
աղջիկը
ու
հարցուց
տղուն.
-
Հիմա՞։
Սողոմը,
լուռ,
չափեց
աղջկան
նայուածքը։
Պատասխանը
մէջն
էր
իր
նայուածքին։
-
Ուրի՞շ։
-
Ուրիշ
ի՞նչ։
-
Հայաստա՞նը։
Այս
բառն
ալ
ահաւոր
աղէտ
մըն
էր
այդ
օրերուն։
Զայն
գիտէին
բոլոր
թուրքերը։
Անոր
արտասանութիւնը
բաւ
էր
տեղն
ու
տեղը
շանսատակ
ընելու
թուրք
հրապարակի
մը
վրայ,
ֆէսատ
ը,
մուզիր
ը,
քոմիթաճի
ն
։
-Հայաստա՞նը,
-
կրկնեց
անիկա։
Ու
նուրբ
այդ
աղջկան
ձայնը
եղաւ
կարծր,
չարաղէտ
ծորում,
գրգռելու
չափ
մահուան
դատապարտուած
տղուն
զայր
ո
յթը։
-
այաստանը
մե՞ղք
է,
հանըմ։
Գրեթէ
հաւասար
խստութեամբ
այս
շեշտը
չհասաւ
աղջկան։
Տարուած
իր
իսկ
ատելութենէն
դէպի
Հայ
Յեղափոխութիւնը։
-
Ըսի՞ն
քեզի։
-
Անոնցմէ
շատ
առաջ
է
Հայաստանը։
Սողոմենց
տղան
իրաւ
ու
խոր
կ’ըսէր։
Եղնիկը
դարձեալ
չ
ը
մբռնեց
անոր
մտածումին
տարողութիւնը։
Անիկա
ազդեցութեան
տակն
էր
առօրեայ
խօսակցութեանց,
որոնք
հայերու
ձերբակալուիլը,
աս
ու
ան
քաղաքին
մէջ
բռնուած
տինամիթները
ունէին
նիւթ։
Ու
հակառակ
անոր,
որ
սրտին
խորէն
կը
սիրէր
սա
տղան,
չէր
կրնար
զայն
զատել
իր
ցեղային
զգայնութեան
թունաժէտ
պարունակէն։
-
Պոմպաները։
Ո՞վ
չէր
պոմպաճի
1890ին։
Ո՞վ
չէր՝
1900ին։
Ո՞վ
չէր՝
1910ին
ու
քսանին։
Հիմա,
Պոլսոյ
ափ
մը
հայութիւնը
մէկ
օրէն
միւսը
կրնայ
այդպէս
որակուիլ
ու
դատապարտուիլ։
-
Չունէին
այդ
տեսակ
բան։
-
Դուն
սուտ
կը
խօսիս։
Առանց
պոմպայի
յեղափոխական
կ’ըլլա՞յ։
Սողոմը
լսած
էր
այդ
«հաւկիթներէն»,
բայց
տարիներ
առաջ։
Հեքիաթի
առարկաներ,
որոնց
անունը
միայն
կար,
ու
մարմինը՝
ոչ։
-
Ես
պոմպա
չեմ
տեսած։
-
Պոլիս,
թագաւորին
պալատին
վրայ
յարձակո՞ւմը։
-
Հոս
իմացայ
այդ
բանն
ալ։
-
Հոն
չըրի՞ք
այդ
տեսակ
կարգադրութիւն։
-
Պոլիսը
ո՜ւր,
այդ
մարդիկը
ո՛ւր,
հանը՜մ։
Կ’արտայայտէր
գեղին
խոր
համոզումը
յեղափոխական
որակուած
ցաւագարներէն,
որոնք
Իննսունվեցի
դէպքերէն
առաջ,
կ’երեւային
ամառները
ու
հազալէնթքնելէն
բաներ
մը
կը
կարդային
`
կորսուելու
համար
խնամուած
խորհրդաւորութեամբ
մը։
-
Յեղափոխութի՞ւնը։
-
Անունը
գիտեմ։
-
Ուրի՞շ։
-
Այսքան։
Ու
քիչիկ
մը
տաք՝
-
Շիտակը
կ’ուզէք,
մինչեւ
սա
ժամը
ես
չեմ
հաւատար
ասոնց
յեղափոխական
ըլլալուն.
-
Ինչո՞ւ։
-
Այդպէս։
Մենք
յեղափոխականը
տարբեր
մարդ
կը
կարծենք։
-
Ինչպէ՞ս
տարբեր։
-
Տարբեր։
Ուժով,
կտրուկ,
խելացի,
ի՛նչ
գիտնամ։
-
Ինչէ՞ն
կը
խորհիս,
որ
ատոնք
չէին
այս
մարդիկը։
-
Բոլոր
գեղացին
կ’ըսէ
ատիկա։
-
Ուրեմն
ի՞նչ
է
քու
մեղքդ։
Վեհերոտ
աչքերով
վեհերոտ
սա
հարցումը,
անակնկալ՝
որքան
խռովիչ։
Բիբէն՝
ինչպէս
ձայնէն
սա
վախին
մէջ
ի՞նչն
էր,
որ
կ’ուզէր
ծածկուիլ։
Վասնզի
Սողոմը
զգաց
այդ
ընկրկուն,
արգահատող
բեկումը
անոր
շեշտին,
երբ
Եղնիկը
քաղաքական
պարունակէն
անցաւ
զգայականին։
Նրբութիւններ
կան,
որոնք
զգալի
դառնալու
համար
խտութեան
որոշ
ոլորտի
կը
կարօտին։
Երեք
ժամ
մահուան
մէջ
ապրիլ
մը
մեր
ջիղերուն
կու
տայ
ընդունակութիւններ,
որոնց
կասկածը
չունէինք
օր
մը
առաջ։
Յետոյ՝
դէմքէ
դէմք
անջրպե՛տը,
դիրքի,
հարստութեան,
համբաւի
տախտակնե՜րը,
որոնք
երկու
խօսողները
այնքան
իրարու
կը
հակադրեն։
Փաշայի
աղջիկ
ու
գեղջուկ
տղայ։
Մէկը՝
որ
պիտի
մեռնի։
Միւսը՝
որ
նոր
կը
սկսի
սիրտը։
-
Քու
յանցա՞նքդ,
–
կը
հարցնեմ
քեզի։
Կը
հարցնէր…
գրեթէ
դողալով։
Վասնզի
նոյն
վեհերոտ
արտայայտութիւնը
ձայն
էր
անցած
իր
մարմինին։
Սողոմը
մոմերու
լոյսէն
խաղի
մը
մօտ
էր
վերագրելու
սա
անհանգիստ
պատկերը
իր
դէմէն։
Լուսարարները
ունին
այդ
զգայութիւնները։
-
Գիտես։
Չըսաւ
աւելի։
Բայց
ըսաւ
պարզ
ու
հաստատ,
մեղքին
այն
անփութութեամբը,
որ
հանդիսատեսը
կը
յուզէ,
հոգեկան
անկումի
իր
տեսարանովը։
-
Ճի՞շդ
է
ուրեմն։
Ամօթխած։
Աղջիկ։
Մաքրութիւն
ու
սէր։
Ու
վախ։
Պատանիներուն
շնորհն
է
համադրական
ըլլալ
գիտնալ։
Սողոմը
աչքերը
առաւ
վար
անոր
դէմքէն։
-
Քանի՞
տարեկան
ես։
-
Քսան
չեմ
մտած։
-
Ինչո՞ւ
սպաննեցիր։
Սողոմը
լռեց։
-
Քոմիթէ՞ն
հրաման
ըրաւ։
-
Ըսի,
թէ
այդ
մարդերը
քոմիթէ
չէին։
-
Ուրկէ՞
գիտես։
-
Անոնք
դանակ
մ
ը
շէնքշնորհք
բռնել
չէին
գիտեր։
-
Դուն
գիտե՞ս։
-
Գիտե՛մ։
Անիկա,
հաստատ,
գրեթէ
հպարտ,
նայեր
էր
աղջկան։
-
Ուրեմն
դուն
քու
հաշուո՞յդ
սպաննեցիր։
Սողոմը
լռեց։
-
Այրեցիր։
Սողոմը
լռեց։
-
Ինչպէ՞ս
վրայ
գնաց
ձեռքդ…
Եղնիկը
լռեց։
-
Չմեղքցա՜ր։
Հարցո՞ւմ՝
թէ
բացագանչութիւն։
Բայց
ձայնին
մէջ
իր
թանձրութեան
էր
հասեր
քիչ
առաջուան
վեհերոտ
բանը,
աղջիկը
կինէն
զատող
այն
ամօթխածութիւնը,
որ
հոգեկան
ու
մարմնական
կուսութիւնները
կը
շղարշէ
միակ
երեսով։
Որ
գութի,
յոյզի,
անշրջագիծ
տարփանքի
փշրանքներով
ինքզինքը
կը
յայտնէ,
յայտնել
կը
ձգտի,
մնալով
կիսասքող,
տառապագին,
երբեմն
խեղճ,
միշտ
յանկուցիչ։
«
Ծառ
գիտութեան,
բարւոյ
եւ
չարի
»։
Մենք
կը
կարդայինք
ատիկա
Խորէն
ՆարՊէյի
Քրիստոնէական
ին
մէջ,
մերկ
Ադամ
ու
Եւան
լալու
չափ
մեղքնալով.
հաւանաբար
10-12
տարեկան
լաճեր
այն
ատեն
ու
կը
հարցնէինք
իրարու.
«Ո՞ւր
է
հիմա
այդ
ծառը»։
Ու
մեզի
պէս
միւսները,
թուրք
թէ
անգլիացի,
մանչ
կամ
աղջիկ։
Որոնք,
գիտնալու
ծարաւին
ու
վախին
մէջ
պիտի
ընեն
հարցումը,
աւելի
մեծ
շուքով,
տասնհինգէն
անցնելէ
ետքը։
Դէպի
խոր,
խռովայոյզ
ապրումին
ծովը,
որ
մարդոց
կեանքն
է
տասնհինգէն
մինչեւ
գերեզման։
Պատանիներուն
առաջին
քայլերը
ենթակայ
են
սա
երկուութեան։
Աւելի
՛
ն.
ես
կը
յիշեմ
հարսնիքներ,
որոնց
մէջ
մատղշուկ
հարսներ,
այդ
յուզումներու
խթանին
ներքեւ
հաւանաբար,
պսակին
քողէն
կը
փախչէին
դէպի
իրենց
մայրերը,
լալագին
իյնալու
անոնց
ծունկերուն,
ու
«մեղքնալու».
իրենց
աղաչանքը
սրտառուչ
էր։
Ինչի՜
դէմ։
Սողոմենց
տղան
չէր
մեղքցած։
Ու
սա
հաւաստումը,
մատաղ
ու
օտար
աղջկան
բերանէն
յանկարծակի
զինքը
նետեց
ոճիրին
զգայութիւններուն,
որոնց
ճակատագրին
մէջ
սեւ
երեսն
ալ
ամրութիւնն
է,
չմոռցուիլը
ու
բռնանալը
տարիներ
ամբողջ։
Որոնց
չարչարանքը
խորանարդ
կը
զարգանայ,
երբ
բանտի
մղձուկ
կամար
մը
կաթիլկաթիլ
սեւորակ
թոյնի
մը
պէս
ներարկէ
մեր
ջիղերուն
Աստուծոյ
լոյսը։
Խղճի
խայթին
հինցած
տագնապը
չէ
ասիկա։
Այլ՝
կեանքին
ամէնէն
խուլ,
աննահանջ
բնազդը,
բուսային
ու
երկաթ,
երիտասարդ
մարմիններու
բջիջները
յուզող,
զանոնք
դէպի
ստեղծում,
սերնդագործում
լարող
խորախորհուրդ
մագնիսը։
Անոնք
հաւասարապէս
հպանցուած
էին
այս
ամէնէն։
Ու
վախի
անհաւասար
աստիճանով
մը
իրարու
արեւելուած։
-
Խօսելու
ես
սակայն։
-
Ի՞նչ
խօսիմ,
հանըմ։
Ի՜նչ
խօսէր
Սողոմենց
տղան,
քանի
որ
«մինչեւ
պուկը»
լեցուած
էր
ըսելիքներուն
տոպրակներովը
։
Պարզ
հոգիներուն
«ներս
դնելն»
է
այս
լռութիւնը,
այդ
տարիքներուն
յաճախադէպ,
ընդհանրապէս
հարսներուն
վրայով,
որոնք
իրենց
կեսուրներուն,
տալերուն,
ներերուն
ամէնօրեայ
հալածանքը
կը
տանին
անսպառ
հլութեամբ,
կը
ծածկեն
դուրսին
վրայ
դժոխքը
իրենց
ներսին
ու
օրին
մէկը
կ’իյնանկը
մեռնին,
առանց
աղմուկի։
Անոնց
ողբերգութիւնը
չի
հասնիր
հասարակաց
վայելումին։
Ի՛նչ
խօսէր։
Ու
կուլ
տուաւ
թուքը։
Մեր
ըսելիքները
երբեմն
այդ
մեքենական
միջոցով
վար
կը
հրենք։
Բայց
միշտ
չենք
յաղթեր…
-
Իրենք
կը
մեղքնա՞ն։
-
Որո՞նք։
-
Կիները։
Նորէն
կուլ
տուաւ
թուքը։
-
Գանգա՞տ
ունիս։
-
Գանգա՞տ։
Ու
լուրջ,
հասուն,
մտածուած,
հաստատուն՝
-
Կին
էր
անիկա։
-
Ո՞վ։
-
Ու
մեռնելու
էր։
-
Կիները
մեռնելո՞ւ
են։
-
Կա՛մ
մենք,
կա՛մ
անոնք։
-
Չհասկցայ։
-
Վնաս
չունի,
հանըմ,
կու
գայ
ատենը,
դուն
ալ
կը
հասկնաս։
-
Ի՛նչը։
-
Մեռնիլն
ու
մեռցնելը։
Անիկա
ձեռքը
փորձեց
ճակտին
տանիլ,
բան
մը
վանողի
յատկանիշ
շարժումով։
Չէր
նայեր
աղջիկին
ու
կը
նեղուէր
սեւամորթէն։
Մահը,
արիւնը,
սեռը,
դիակները,
երիտասարդութիւնը
ու
պապա՛կը
կիներու
միսին,
որուն
կրակին
մէջէն
պիտի
հալածենք
մենք
կեանքը,
երբ
հասունցած
ենք։
Սողոմենց
տղան
մինակ
չէ,
որ
գիտէր
այս
ամէնը։
Ու
անոր
ճակատին
կեդրոնէն
այս
ամէնուն
մուրճը
կը
ծեծէր
ու
կը
ծեծէր։
Ի՞նչ
կը
փախցնէր։
-
Չե՜ս
մեռցուցած
սակայն։
-
Այո՛,
այո՛,
այո՛։
Յայտնի
էր,
թէ
այս
զղջումը
անոր
սա
օրերուն
գերագոյն
ցաւը,
զբաղումն
էր
եղած։
Ինչպէ՜ս
յիմար
էր
եղեր,
ուրանալու
համար
բանտին
անսխալ
իմաստութիւնը։
Մոռցաւ,
թէ
փաշայի
մը
աղջկան
առջեւ
էր
ու
գրեթէ
լաց,
բայց
խոր
հաւաստում.
-
Ի՞նչ
ըսեմ
ես
աս
իմ
գլուխին։
-
Ինչո՞ւ
չսպաննեցիր։
Սողոմենց
տղան,
յանդուգն
սեւեռումով
մը.
-
Մարդոց
որդիները
հում
կաթ
են
ծծեր։
-
Չհասկցայ։
-
Վնաս
չունի,
հանըմ։
Ամէնքս
ալ
հում
կաթ
ենք
ծծեր։
Կու
գայ
ատենը
ու
կը
հասկնաք։
Յետոյ
լռեց։
Աւելի
ուշ՝
-
Իմ
մէկ
հատիկ
սխալը,
սխալը
եղաւ
ատիկա։
Անիկա
մոռցեր
էր
բանտը։
Ու
ամէն
անգամ,
որ
դաժան
այս
մտածումը
մտածէր՝
անիկա
«քթի
սիւնին»
մրմռալը
ու
ակռաներուն
ազդուիլը
կը
զգար
իր
կիրքին
մէջ։
Ու
եղերականը
հոն
էր,
որ
փոթորիկէն
յետոյ,
անխուսափելի
կրկնումով
պիտի
իյնար
անիկա
այն
զգայութիւններուն
ծոցը,
որոնք
դանակը
նետեր
էին
իր
ձեռքէն,
տախտակամածին,
երբ
բացուող
դուռին
ընդմէջէն
գրկեր
էր
Նալպանտենց
հարսը,
թեթեւ
մը
հրուելով
անոր
փորէն
դէպի
ետ։
Աղուորը,
առանց
գիտնալու,
իր
ձեռքերը
դրած
էր
երկուքին
գրկախառնումին
մէջտեղը…
Հիմա՞։
Այսինքն՝
մահէն
անմիջապէս
առաջ,
որուն
յանձնուած
էր
արդէն
դեռ
սա
աղջիկը
չբուսած։
Անիկա
յանդուգն
էր
անսպասելի
չափով։
Ու
չէր
գիտեր,
թէ
նոյն
զգացումը
կը
միջամտէր
հոս
ալ։
Ի՜նք
կը
մեռնէր։
Բայց
իրմէն
կ’ազատէր
կեանքին
կայծը,
ա՛ն՝
որ
արժէք
ունի։
Մահը
ընդունելու
ամէնէն
պարզ
եղանա՞կը,
-
իր
զաւկին
ձեռքին
կամ
յոյսին
մէջ
տալն
էր
իր
հոգին։
-Չէիր
կրնար
սպաննել…
-
Ինչո՞ւ։
Ըրաւ
հարցումը,
բայց
ամչցաւ։
Անիկա
մտքով
տեսաւ,
որ
անոր
հետ
մէկ
կը
մտածէին։
-
Կը
սիրէի՞ր։
Վէպերու
սպաննած
բառն
է
ասիկա։
Եղնիկը
կը
սխալէր՝
զայն
մօտիկցնելով
գեղացի
սա
ականջներուն։
-
Տունը
մտնելէ
առաջ,
դանակը
սրցուցած
ատենս,
ամէնէն
առաջ
ան…
-
Գիտեմ։
-
Ուրկէ՞
գիտես։
-
Գիտեմ։
Մտնելէ
վե՞րջը։
Սողոմը
լռեց։
-
Վասնզի
կը
սիրէիր։
Լուրջ
էր
անիկա
ու
տաք։
-
Սիրեկանին
դանակ
չեն
քաշեր։
-
Ո՞վ
ըսաւ։
-
Կ’ըսեն
բոլորը,
գիրքերը,
մարդերը,
սիրահարները։
-
Չեմ
գիտեր։
-
Տղաքը
մէկ
բան
գիտեն
ամէնէն
լաւը։
-
Ո՞րը։
-
Սիրեկանին
դանակ
չքաշելը։
-
Տղաքը
ատոր
մտածելու
ժամանակը
չունին
հիմա։
-
Սէրը
դուրս
է
ժամանակէն։
Եղնիկը
ծանրացած,
հասուն,
թրթռուն
կը
թուէր
ձայնէն
ու
նայուածքէն։
Անիկա
ա՛լ
մոռցեր
էր
բանտը,
դիակները
ու
ինքզինքը
վէպի
մը
էջին
մէջ
կը
զգար։
-
Ի՞նչ
կ’ուզէիր
մարդէն։
-
Մարդը
էրիկն
էր։
-
Այն
ատե՞ն։
-
Այն
ատե՞ն։
-
Կը
սիրէիր։
Սողոմը
լռեց։
-
Ինչո՞ւ
սպաննեցիր
մայրը։
Սողոմը
կարծես
կը
սպասէր
հարցումին։
Բուռն,
զայրալից
ու
արագ՝
-Քիչ
էր
անոր
բաժինը։
-Մահէն
աւելի՞ն։
-Կա՜յ։
Քիչիկ
մը
մտածելէն
յետոյ՝
-
Անցնէր
հիմա
ձեռքս,
ես
գիտէի,
թէ
ինչպէ՛ս
կամացկամաց,
միսերը
կսմիթկսմիթ
փետտելով
մորթելու
էի
անիկա։
Ու
անոր
դէմքին
վրայ
աղջիկը
առաջին
անգամ
հաստատեց
մարդասպանը։
Ու
անլուծելի
առեղծուած՝
այդ
հաստատումը
տակնուվրայ
ըրաւ
անոր
զգացական
ամբողջ
սարուածը։
Փուշփուշ
եղան
անոր
միսերը։
Բայց
զզուանքի,
սարսափի
փոխարէն՝
անիկա
ունէր
անտարազելի
հակում
մը,
բուռն
ու
չհասկցուած,
մօտէն
ծռելու
սա
սպաննողին
դէպի
հոգին։
Կրակին
հետ
խաղցող
մանո՞ւկ։
Օձին
հմա՞յքը,
ինչպէս
հեքիաթը
կ’աշխատի
բացատրել
սա
կարգէ
քայքայումներ։
Գրեթէ
կը
դողար,
երբ
հարցուց.
-Ի՞նչ
կ’ուզէիր
պառաւէն։
-Կիները
չեն
պառաւնար։
-Իրա՞ւ։
-Իմ
տեսածս
ու
գիտցածս
է
ասիկա։
Այդ
պառաւն
էր
պատճառը
այս
արիւնին։
-Ինչպէ՞ս։
-Այդպէս։
Կը
թուէր
շատ
յոգնած։
Հեռացած
ու
քաղցր։
Այդ
թոնով,
առանց
պահանջքի,
անիկա
շարունակեց.
-
Բաներ
կան,
որ
չեն
ըսուիր։
-
Չե՞ս
ըսած
հարցաքննութեանց
ատեն։
-
Չեն
ըսուիր։
-
Բայց
քու
շահուդ
համար
ըսուելու
են
ատոնք։
-
Իմ
շա՜հս։
Կիսաժպիտ
գրեթէ,
որով
անոր
դէմքը
կ’իյնար
սրտառուչ
տրտմութեան
մը
մէջ։
-
Առտուն,
վաղը
առտու,
առնելիք
չեմ
ունենար
ես
աս
աշխարհէն։
Յուսահատութիւնը
չէ
ասիկա,
ոչ
ալ
հերոսական
համակերպումը
մահուան։
Մարդիկ
կը
մեռնին
յոգնելէ։
Ու
Սողոմենց
տղուն
ջիղերը
անկարող
էին
կրելու
մահուան
տարրերը,
այնքան
անիկա
«աղացեր
էր
այդ
սեւ
ցորենէն»։
-
Տալի՞ք։
-
Ատոնց
չափ։
Ըրաւ
մատնանիշ
դիակները։
-
Առա՞նց
վախի։
-
Վախը՝
ապրողներուն։
-
Մեռնողնե՞րը։
-
Չունեցան
երկուքն
ալ։
-
Ինծի
ըսին
ուրիշ
կերպ։
-
Սուտ
են
ըսեր։
-
Չլացի՞ն։
-
Ինչո՞ւ
լային։
-
Չաղաչեցի՞ն։
-
Որո՞ւ
աղաչէին։
-
Բայց
հակառակը
կ’ըսեն։
-
Սուտ
են
ըսեր,
հանըմ։
Անոնք
կարօտն
ունէին
ատոր։
-
Ինչի՞
կարօտը։
-
Բայց
հանգչելուն,
մահուան
կարօտը։
-
Իրենց
ծրագիրնե՞րը։
-
Անգամ
մը
մահուան
մէջ
մտնելէ
ետք,
մարդ
կը
խաղաղի։
Պակասները
չեն
չափուիր։
-
Դո՞ւն։
-
Ե՞ս։
-
Պիտի
չլա՞ս։
-
Տղայ
չեմ։
-
Չունի՞ս
բան
մը
քեզ
աշխարհին
կապող։
-
Աշխարհը
դուրս
է
իմ
կրունկէս։
Իմ
տարիքիս
մարդը
թեթեւ
կ’ըլլայ։
-
Ծանր
ըլլալու
համար
ուրեմն
դրեր
են
շղթայ։
-
Ո՜վ
գիտէ։
-
Կը
մոռնաս
սակայն։
-
Ի՞նչ
բան։
-
Թէ
ինչո՛ւ
հոս
եմ
ես
այս
ժամուն։
-
Գիտեմ։
-
Գիտե՞ս։
Ժպտեցաւ
անիկա
ու
աւելցուց՝
-
Կը
կարծես
գիտնալ։
Խօսակցութիւնը
կեցաւ
ինքնիրեն։
Յոգնած,
ծունկերուն
վրայ
այսքան
նստելէն՝
Եղնիկը
ելաւ
ոտքի։
Անոր
հասակը
կը
թուէր
աւելի
երկայն,
քան
եկած
պահուն։
Հոտերու
նո՛յն
ծուէնները,
աւելի
հոծ
ու
խռովիչ։
Տղան
ստիպուեցաւ
փակել
աչքերը։
Կը
վախնար,
որ
հոգին
կը
տեսնէին։
Պզտիկ
պայուսակէ
մը
Եղնիկը
հանեց
շաքար,
վրան՝
պուտպուտ,
սառոյցի
փշրանքներու
նման։
Անիկա
կը
սպասէր
աչքերուն
բացուելուն։
Տղան
կը
շարունակէր
շնչել։
Վարանոտ՝
ծռեցաւ
քիչիկ
մը
ու
դրաւ
շաքարը
կիսաբաց
անոր
շրթներուն,
որոնք
փակուեցան։
-Մի
վախնար,
թոյն
չէ
ասիկա։
-Անոր
ալ
համը
ունիմ։
-Ինչի՞ն։
-Թոյնի՛ն։
Թօթուեց
գլուխը։
Աչ
ք
երը
պայծառ,
լայն։
Բանաստեղծ
մը
պիտի
ըսէր՝
անհուն։
Ձեռքի
նոյն
յատկանիշ
շարժումը՝
դէպի
ճակատը։
Աւելցուց.
-
Ո՜ւր
է
ըլլար։
-
Ըսել
է
այդքան
ծարաւ
ունիս։
-
Ըսի
անգամ
մը։
-
Կեր
ու
մի
մտածեր։
-
Չի
բացուիր
բերանս։
-
Պիտի
ուտես։
Ու
դրաւ
թուղթպայուսակիկը
գետին
`
ծռելով,
ա՛յնքան՝
որ
իր
դէմքէն
դող
մը
անցաւ
դէպի
տղան։
Մազե՞րը
դպան
անոր
երեսին։
Շարժումին
հետեւող
հոտին
ու
սեռին
շամանդա՜ղը,
որ
այնքան
խոր
կը
դղրդէ
մեր
զգայարանքները։
Տղան
առնուած
էր
քաղցր
ու
քիչքիչ
ծաւալող
թուլութեան
մը
մէջ։
Չէ՞ր
տեսներ
սեւամորթը,
որ
խօսելու
մարմաջէն,
կարգի
չարժանանալուն,
շարունակ
դիրք
ու
ոտք
կը
փոխէր,
ուշադրութիւն
հրաւիրող
շարժումներով։
Հազաց։
Ինքզինքը
յայտարարող
այդ
ազդանշանէն
յետոյ,
օգտուելով
լռութենէն,
անիկա
միջամտեց.
-Դուն
աղէկ
մտիկ
ըրէ
հանըմ
էֆէնտին։
-Ինծի
մտիկ
ընելու
ատենը
եկած
է։
Յետոյ,
դէմքի
լրիւ
փոփոխումով
մը,
որ
հոգեկան
հորիզոնի
շրջում
ալ
կրնար
որակուիլ,
քոմանտան
փաշային
թափանցիկ
աղջիկը
հարցուց.
-Երգեցի՞ր
այդ
կնիկին։
-Ո՞ր
կնիկին։
-Անոր,
որ
չկրցար
սպաննել։
Սողոմը
լայն
բացաւ
իր
թարթիչները։
Ներս
առնել
ուզա՞ծը։
Ատիկա
գիտեն
պատանիները
միայն։
Երգելու
հրաւէրը
այդ
տղուն
ամբողջ
զգացական
աշխարհը
կը
կազմէր։
Զուարթ
կամ
եղերական,
մեծաւոր
թէ
տօնական
առիթները
անիկա
կ’ընդունէր
կոչը
դէպի
իր
ձայնը,
ու
կ’երգէր՝
գոհացում
տալու
համար
մարդոց
ցաւերուն
եւ
ուրախութեան,
բայց
ամէն
մէկ
պահէ
առնելով
անկորուստ
մասը
յուզումին,
որ
մարդոց
որդիներունն
է,
սա
փորձանուտ
աշխարհի
հազար
հարուածներու
ելեւէջին
մէջ…
-
Ինչո՞ւ
չես
պատասխաներ,
քեզի
կը
հարցնեմ.
երգեցի՞ր
այդ
կնիկին։
-
Կարելի
է,
հանըմ։
-
Կարելի՞…
Տաքցաւ
անիկա։
Թեթեւ
մը
վերցեր
էր
շերտը։
Ու
գրեթէ
մեղրագոյն
փէշին
մետաքսը
քսքսելով
անոր
երեսին.
-
Կարելի՞։
Բայց
ես
քեզի
կը
հարցնեմ
շատ
որոշ։
Երգեցի՞ր։
Լռեց։
Ու
կը
դողային
անոր
շրթները։
Վա՞խ։
Բարկութի՞ւն։
Երա՞զ։
Անիկա
հազիւ
կեցուց
ձեռքը,
որ
ճամբայ
ինկած
էր
դէպի
գլուխը
Սողոմին։
Մեր
մարմինին
վրայ
շատ
մը
շարժումներ
իրար
կը
հերքեն։
-
Ե՞րբ։
Պէտք
էր
հասկնալ,
թէ
հարցումով
անիկա
կ’ուզէր
ժամանակը
երգին,
որ
ըսուած
ըլլալու
էր
այդ
«չսպաննուած»
կնիկին։
Գիշե՞ր։
Ցերե՞կ։
Վերջալո՞յս։
Ամա՞ռ։
Աշո՞ւն։
Գարո՞ւն։
Եղնիկը
կանխահաս
զգայնութեամբ
ջիղեր
ունէր
ու
կը
սիրէր
բանաստեղծութիւնը։
Լռեց։
Բարակ
իր
մատները
սեղմեցին
իր
շրթները,
ամուր,
ցաւցնող,
վասնզի
մատներուն
քակուելէն
յետոյ
Սողոմը
զանոնք
տեսաւ
գրեթէ
ճերմակ։
Ի՞նչ
կը
ծծեն
աղջիկները,
իրենց
շրթները
այդպէս
չարչարած
պահերուն։
-
Ի՞նչ։
Պէտք
էր
հասկնալ
նիւթը
երգին։
Ամէն
ամսու
քաղաքին
վրայ
կը
բուսնէին
օդագնաց
այդ
քերթուածները,
գործ՝
աս
ու
ան
աշուղին,
թելադրուած
եղերական
դրուագէ
մը,
ուր
դաշոյնը,
թոյնը,
չուանը,
ծովը,
ջրհորը
ողնասիւն
կը
կազմէին
անտիական
մեռելի
մը,
զոհ՝
յաւիտենական,
հզօր
զգացումին։
Լռեց։
Երկու
ձեռքերովը
–
ինչո՞ւ
զատզատ
կը
տեսնենք
բաներ
երբեմն,
որոնք
սովորական
պահերու
մէջ
կը
ներկայանան
մեր
բիբերուն
–
մազերը
ըրաւ
ետ,
ճակտին
քովերէն,
զ
ովութիւն
փնտռելու
ձեւով
մը։
Մազերու
շուքէն
ազատուած,
անոր
երեսները
գտեր
էին
լիութիւն
մը,
կաղապար
մը,
որոնք
մեր
աշխարհէն
չեն։
Սողոմը
«խնդաց»
մինչեւ
ողնայարը։
-
Ո՞ւր
ճանչցար
անիկա։
Մաքուր
անոր
դիմագիծերուն՝
թեթեւ
շուք
մը,
տհաճ,
գրեթէ
նախանձոտ,
աւրելու
աստիճան
այդ
երեսներուն
նկարային
վայելչութիւնը։
Ամէն
կին
նախանձոտ
է,
այրէն
տարբեր
երանգով։
Այս
վերջինին
մօտ
նախանձը
նիւթական
տառապանք
է,
բայց
վախկոտ։
Ամօթը,
վարկաբեկումը,
հասարակաց
կարծիքէն
վախը
այդ
տառապանքը
կ’ընեն
ներքին։
Կինը
հաճոյքն
ունի
զայն,
նախանձը
հրապարակելու։
Չտեսնուած
կնիկէ
մը
կը
նախանձին
չապրած
աղջիկները։
-
Աղուո՞ր
էր։
Գեղեցկութիւնը
թուրք
զգայնութեան
հիմնատարրն
է՝
սեռին
դաշտերուն
վրայ։
Զայն
կը
հոլովեն
աղջկան
օրրանէն
մինչեւ
խորտակումը
քառսունին։
Ամէն
աղջիկ
անոր
հեղանուտէն
կ’արձակէ
ինքզինքը։
Ու
ոճիրները
անկէ
զսպանակուած
երգի
կը
վերածուին։
Եղնիկին
հարցումը
բնազդական
էր
ու
ցեղային։
Հարցուց։
Բայց
չէր
անդրադառնար,
որ
մինակ
կը
խօսէր։
Թէ
իր
մարմինը
հետքերը
կը
յայտնաբերէր
այդ
մտածումներուն,
վասնզի
իւրաքանչիւր
հարցական
զայն
կ’ընէր
ամփոփ
կամ
տարածուն,
գարուն
կամ
ամայի
տաղաւար
մը,
Ջերմուկներու
բուրաստանին
մէջ
այնքան
առատ։
Ու
կ’ըլլար
անիկա
շքեղ
պատասխանը
իր
հարցումին,
երբ
հաւաքած
իր
մարմինին
բոլոր
կապերը,
տղուն
գլխուն
կը
կանգնէր
աւելի
գեղեցիկ,
քան
եօթը
արձան։
-
Տարի՞քը։
Ո՜վ
մեր
միամտութիւնը։
Ինչպէ՛ս
ալ
կը
սահինք
ընդարձակ
ճշմարտութեան
վրայէն,
որով
ուրիշին
տարիքը
հարցնելու
մեր
փոքրիկ
հետաքրքրութիւնը
կը
քողաւորենք
ու
կը
ջանանք
մերը
պատմել.
մերը՝
երբ
ատիկա
գրուած
է
մեր
անձին
ամէն
մասունքին
վրայ։
Դիտեցէք
ան
միւսները,
տարիքէն
կախուածները,
որոնք
պիտի
չհարցնեն։
Հարցականին
զուգահեռ՝
անոր
հասակը
բարձրացեր
ու
իջեր
էր,
անգիտակից
պարզութեամբ։
Տիրակա՞ն։
Տարիքը
գերագոյն
իրականութիւնն
է
այդ
կալուածին
վրայ։
Մինչեւ
քսան,
աղջիկները
հզօր
են,
յաւիտենութեան
զգացումով
մը,
որ
այդ
թարմութեան,
առաձգականութեան,
փայլին
անդրադարձն
է
իրենց
մտածման
մեքենականութեան
վրայ։
Անոնք
տարիքն
են,
այսինքն՝
առանց
թիւի
ամբողջութիւնը,
սեռին
ոսկեդարը,
կեանքը՝
լրիւ,
առանց
հեղուկի։
Մեր
ժողովուրդը
երգի
մը
մէջ
ըսեր
է
այս
ճշմարտութիւնը
աղջիկներու
այդ
անշամանդաղ
կուսութիւնը
պատկերելով
միամտութեամբը
առտուան
շաղին,
ու
անցնող
վարդին։
-
Նայուա՞ծքը։
Հարցուց
ու
նայեցաւ։
Ու
անկարելի
էր
չողողուիլ
անոր
աչքերուն
մեղրէն,
այնքան
անիկա
անուշ
էր
ըրած
այդ
սեւեռումը
դէպի
տղուն
հոգին
ամէնէն
մատչելի
ճամբով։
Անիկա
նման
էր
շղարշի
վրայ
բուսնող
ծաղիկին,
որ
կ’երեւայ,
սիրտ
կ’առնէ
ու
կը
սուզուի
բեհեզ
լարերուն
մէջ
աղջիկներու
ժպիտին։
Անիկա
նայեր
էր
տղուն,
բռնի,
տիրական
ճնշումով
մը
ուզելով
անոր
աչքերը,
հանուած
իրեն
դէմ։
-Գո՞յնը։
Անշո՜ւշտ։
Ո՞ր
աղջիկը
չանցաւ
հայլիին
առաջ
ու
ինքզինքը
չսիրեց,
արծաթ
այդ
սաւանին
վրայ
զմայլելով
իր
մորթին
թաւիշին։
Ո՞ր
աղջիկը,
քիչիկ
մը
տժգոյն,
դողոտ
մատները
կկոցի
նման
չանցուց
ու
չանցուց
այտերուն
վրայ
`
ստեղծելու
համար
արիւնին
շա՜րը,
որ
քող
անգամ
չէ։
Անիկա,
առանց
հայլիի,
տղուն
հիացիկ
աչքերուն
առջեւ
ըրեր
էր
անգիտակից
այդ
աշխատանքը,
հեռու
եւ
պարզ։
Որ
արդէն
երանգուն
այդ
միսերուն
վրայ
կարմիրի
արահետներ
հաւաքեց։
-
Ձա՞յնը։
Լռեց
անիկա։
Բոլոր
այս
հարցումները,
խոր
անգիտակցութեամբ։
Տարերային
ու
յիմար,
ինչպէս
պիտի
ըլլան
աղջիկները,
տասնհինգէն
վերջը,
բախտորոշ
րոպէներուն։
-Օ՜ֆ։
Որմէ՞
ի՛նչ
կ’ուզէր
սա
պարմանուհին։
Կլորակ
արձագանգ
մը
հազիւ
զգալի
ըրաւ
ինքզինքը։
Անիկա
չէր
իսկ
անդրադարձած
իր
մինակութեան։
Բոլոր
այս
հարցումները,
զիրենք
լուսաւորող
դիմային
ու
մարմնային
անստուերելի
ուրուաձեւերով,
համրիչի
մը
դանդաղ
հատիկներուն
նման,
իրարու
ետեւէ,
զիրար
հրող
կամ
հալածող
ու
կործող,
ըսի՞ն
բաւական
մը
բան
անոր
ներսէն,
որպէսզի
ինքզինքը
զգար
քիչցած,
թեթեւցած,
ծակուա՜ծ,
ու
վախնար։
Կեցաւ
անիկա,
մանուկ
ու
բարի
`
վախնալով
Սողոմէն
ու
իրմէ։
Գերզգայութիւնը
գինովութիւնն
է
զգայարանքներու,
ալքոլի
փոխան
ներքին
ծորումներու
հպատակ
եւ
նման
ասոր
կը
թափի
մեզմէ։
Ամէն
սթափում
պարտութիւն
մըն
է,
հիւսուած
զիղջի,
ամօթի,
վախի
փոփոխական
տարրերէ։
Սողոմենց
տղա՞ն։
Բաներ
կան,
որոնք
հարցուելու
չեն։
Ու
չեն
կարգ
մը
պայմաններու
վրայ։
Անիկա,
դուրս
ինք
իրմէ,
բանտէն
ու
մահէն,
բանաստեղծ
մը
պիտի
ըսէր
թերեւս՝
կեանքէն
անգամ,
կը
հետեւէր
հարցումին,
յաջորդ
լռութեան
ու
աղջիկին
մարմինին
վրայ
յստակ
կարդացուող
այդ
մեղեդիին,
որ
սեռն
է,
գեղեցկութիւնն
է,
յուզումն
է
ու
արիւնի
համը։
Երգողները,
այսինքն՝
ուրիշներու
զգայութիւնը
իրենց
կոկորդէն
այդպէս
կաղապարող
հոգիները
միայն
կը
խոյանան
դէպի
թափանցումը
մարմինին
իմաստներուն,
իրենք,
այնքան
անգամներ,
իրենց
յուզումները
անցուցած
ըլլալով
իրենց
մէկ
կտորին,
ձայնի՜ն։
Եղնի՞կը։
Դէմքի
նոր
փոփոխութեամբ
մը,
որ
հոգեկան
հորիզոնի
նոր
շրջում
մը
կը
յայտարարէր
տեսնել
կրցողին։
-
Դուն
նշանա՞ծ
ունիս։
-
Ունէի։
-
Ունի՞ս։
-
Չեմ
գիտեր։
Բռնուելէն
ասդին՝
անիկա
անտեղեակ
էր
մնացած
գեղին
դէպքերուն։
Գիտէր
միայն
Դելոնին
տղոց
դեռ
ազատ
ըլլալը,
ժանտարմայի
մը
շատախօսութեամբը,
որ
լերան
վրայ
բախումի
մը
արձագանգը
կը
պատմէր
իր
մէկ
ընկերոջը։
Նշանա՞ծը։
Կը
դարմանուէր
նաւահանգիստ
ու
յոյս
կար
զայն
ազատելու։
Եղնիկը
ունէր
այս
մանրամասնութիւնները
հօրը
թուղթերէն։
Խո՛ր՝
իր
հետաքրքրութիւնը
աղջիկէն,
որուն
վիճակուած
պիտի
ըլլար
սիրտը
սա
մարդասպանին՝
եթէ
երկրորդ
մը
չիյնար
անոնց
խաչաձեւման
անկիւնին։
Տուեր
էր,
նման
ամէն
երազամոլ
աղջիկի,
պատկեր
մը
անոր
անունին,
վերցնելով
անոր
տարրերը
գեղացի
բանուորուհիներէն,
որոնք
քաղաքին
մետաքսի
մանարաններուն
մէջ
աշխատանք
կը
կատարէին
օրական
տասնվեց
ժամ
`
խաշելով
շոգիէն,
բայց
չթոռմելով
ու
ամէն
Կիրակի,
տպածոյէ
պոռոտ
իրենց
փէշերուն
մէջ
կը
պտըտցնէին
իրենց
այլանդակ
մարմինները,
արբունքէն
հազիւ
քակուած,
ու
զրկանքէն
շղթայուած,
ապրելու
տեղ
մաշելով,
տգեղ՝
իբր
ամբողջութիւն,
որովհետեւ
աճումէ
կասած,
բայց
տարօրէն
գրաւիչ
մորթէ
ու
աչքէ։
Հարցումին
հետ
անցեր
էր
անոր
աչքերէն
թափօր
մը
այդպէս
աղջիկ,
իրարու
նման
ու
ազազուն։
-Անոր
ալ
երգեցի՞ր։
-Ո՛չ։
-Ինչո՞ւ։
-Մեր
կողմերը
մանչ
ու
աղջիկ,
նշանուելէ
ետքը
ա՛լ
չեն
տեսներ
իրար։
-Մեզի
պէս…
-Դուն
նշանած
ունի՞ս։
-Շո՛ւն։
Պահակն
էր,
գաւազանը
ամուր
վերցուցած։
-Հանդա՛րտ։
Հրամայեց
աղջիկը։
Սեւամորթը
կծկուեցաւ՝
ինչպէս
յանդիմանուող
շուն
մը։
Աղջիկը
դառնալով
տղուն.
-Ինչո՞ւ
հարցուցիր։
-Այդպէս։
Մտիկ
կ’ընէր,
խաղաղ,
մինչ
իր
մատները
կ’ոլորէին
խոպոպիկ
մը,
որ
կը
ծփար
քունքին
վրայ,
ձիւնի
պէս
ինկած
ցօղունի
մը
նման,
խարտեաշ
ալ,
սեւ
ալ։
-
Ինչո՞ւ
մտիկ
չըրիր։
-
Որո՞ւ։
-
Նշանածիդ։
-
Ե՞րբ։
-
Մորթել
երթալէ
առաջ։
-
Ո՞ւր
տեսնէի։
-
Ո՞ւր։
Ըսել
է
միշտ
հետդ
չէր
անիկա։
-
Մեր
կողմերը
մինչեւ
եկեղեցիին
պսակը
մանչ
ու
աղջիկ
չեն
խօսիր
իրարու։
-
Կարելի
է։
Ուրիշներուն
դէմ՝
այո։
Բերնով՝
այո։
Բայց
հոգիո՞վ։
-
Հոգիո՞վ։
-
Դուն
ինչո՞ւ
կը
կրկնես
իմ
հարցումս։
-
Դո՛ւն
ալ
հետը
չես։
-
Որո՞ւ։
-
Նշանածիդ։
-
Ես
պզտիկ
եմ
տակաւին։
-
Պզտի՜կ։
Քեզի
պէս
աղջիկ
մը
զաւակ
կը
պահէ
մեր
կողմերը։
Պզտի՜կ։
-
Հոս
քաղա՛ք
է։
-
Հոս
մէկ
չէ՞
սիրտը։
-
Ո՜վ
գիտնայ։
Հոն
մէ՞կ
են։
Միտքդ
կ’իյնա՞յ։
Խօսակցութիւնը
կը
դժուարանար։
Սողոմին
միտքը
դա
ն
դաղ
կը
հետեւէր
խօսակցին
փայլակնաթեւ
անցումներուն։
-
Ո՞ւր
կը
զատուին
աղջիկները
կիներէն։
Սողոմը
նորէն
չհասկցաւ։
-
Կը
ճանչնա՞ս
աղջիկներուն
հոգին։
-
Աղջիկները
հոգի
չեն։
-
Կինե՞րը։
-
Կիները
ճանչնալէն
ետքը
մարդ
չի
հաւատար
հոգիին։
-
Ինչո՞ւ։
-
Այդպէս։
-
Շատ
կը
ճանչնա՞ս
կիները։
-
Շատ։
Մեր
գեղինները
ամբողջ։
-
Ինչպէ՞ս
կարելի
է
ատիկա։
Անիկա
կարմրեր
էր։
-
Ամէն
մեռելի,
ամէն
հարսնիքի։
-
Յետո՞յ։
-
Կու
լան,
կ’երգեն։
-
Յետո՞յ
։
-
Ձայնը
ապակիի
կը
նմանի
ու
անոր
մէջ
դրուածը
դիւրին
է
տեսնել։
-
Քու
ձա՞յնդ։
-
Իմն
ալ
անշուշտ։
-
Ուրիշ
ատեն
չե՞ն
ճանչցուիր
կիները։
-
Չեմ
հասկնար։
-
Ըսել
կ’ուզեմ՝
երբ
կը
քալեն,
կը
նային,
կը
ժպտին
կամ
կը
լռեն։
Սողոմը
լռեց։
-
Երբ՝
կ’երգեն
ներսէն,
մութին
ու
առանձին։
Սողոմը
վերցուց
իր
նայուածքը
Եղնիկէն
վեր,
որուն
դէմքին
կը
պատրաստուէր
ուրիշ
փոփոխութիւն,
հոգեկան
հորիզոնի
ալ
փոփոխութեամբ։
-Ձեր
կողմերը
բոլոր
տղաքը
կ’երգե՞ն։
-Շատերը։
-Անո՞ւշ։
-Թթու
շաքար
կ’ըլլա՞յ։
-Ինչո՞ւ
կ’երգեն։
-Երգը
թեւ
կու
տայ
տղոց։
-Մինակ
թե՞ւ։
-Շատ
բան
ուրիշ։
-Աղջիկներո՞ւն։
Սողոմը
սարսռաց։
Չքակուած
անոր
շղթան
ալ
թեթեւ
հեծկլտուքով
մասնակից
էր
դողին։
Ի՞նչ
հրաշքով
`
անոր
միտքին
բացուեր
էր
իրենց
տունը,
հօրը
մեռած
տարին,
երբ
իր
ընկերուհիներէն
մէկը,
գեղանի
հարս,
Զատկուան
տաղաւարին
առիթով
մէրանցն
էր
դարձեր,
իրեն
պէս
քաղցրաձայն
ու
երգեր
դրացի
տունէն,
կին
ու
հասուն,
ձայնին
վրայէն
իրեն
հասցնելով
չըսուած
համբոյրը
սիրեկանին։
Ի՜նչ
յուզումով
անոնց
ձայները
խառնուեր
էին
իրարու,
նեղ
փողոցին
վրայ
ոսկի
կամար,
ա՛յնքան՝
որ
պատուհանէ
պատուհան
փախչեր
էին
իրարմէ
`
մատնուած
ըլլալով
երգին
մերկացումէն։
Ո՛չ
սէր,
ո՞չ
ալ
ա
տոր
մօտ
արտայայտութիւն։
Բայց
որքան
շատ
է
թիւը
այս
անաւարտ
«բիւրեղացումներուն»։
-Ինչո՞ւ
դողացիր։
-Այդպէս։
-Ի՞նչ
անցաւ
միտքէդ։
Սողոմը
լռեց։
-
Ինծի
համար
ալ
պիտի
երգե՞ս։
Ու
դպաւ
ա
նոր
աջ
ուսին։
Տղան
չդողաց,
բայց
նայեցաւ
խոր։
Պարզ
ու
իրաւ
էր
այդ
աղջիկը
կանգնած
իր
գլխուն։
Ու
մէկէն
այդ
պատկերը
գտաւ
հոծութիւնը
այն
միւս
ձեւին,
որ
կինն
էր,
անոր
ջիղերուն
վրայ,
համ
ու
խռովք
ու
հիւսք։
Անիկա
զսպեց
աղեղը
իր
բազուկներուն,
որոնք
շարժումի
ելած
էին
իրենց
ծխնիներէն
`
գոցուելու
համար
անոր
իրանին։
Յետոյ
ընկրկեցաւ
անոր
աչքերուն
խորունկ
մօտութենէն։
Այն
ի՜նչ
մեծ
էին
անոր
բիբերը,
որոնք
կ’աշխատէին
ազատիլ
ծիածանին
օղակէն
ու
կը
բաբախէին՝
ինչպէս
կլորակ
բիծեր,
կարգ
մը
թիթեռներու
նախշուն
թեւերուն։
Ո՜վ
մեր
տղայութիւնը
ու
ասոր
ամառները
ու
արեւները։
Ո՞վ
ձեզ
կը
դնէ
այսպէս
պահ
մեր
ետին,
որպէսզի
այդպէս
յեղակարծ
խուժէք
մեր
վրայ,
չհարցնելով
մեզի
մեր
տարիքը,
ջիղերու
ամրութիւնը,
մեր
սրտին
կախաղանը
ու
կրակը
մեր
մարմինին։
Ո՞վ։
Ինչո՞ւ
չէք
հիննար,
ու
կ’արհամարհէք
օրէնքները,
որոնց
ենթակայ
եղան
մեր
մարմինին
բոլոր
բխումները։
Ու
կը
յամառիք
վաթսունը
անցուկ
պառաւի
մը
միսերուն
մէջ
կրկին
ծաղկիլ,
ինչպէս
ծաղկեցաք,
երբ
տասնհինգ
չէր
մտած
ան…։
Սողոմը՝
տասնամեայ
տղա՛յ,
գեղի
պարտէզներուն
մէջ,
երգ
մը
շրթունքին,
աւազանէ
աւազան,
ու
առուէ
առու,
հալածելով
երկարտտուն
թիթեռները,
որոնց
պատկերը
մօտիկ
է
աշուղի
վինին։
Որոնց
թեւերը,
հեղուկ
ու
ներկուած
գոհարի
նման
դրուած
կ’ըլլան
թափանցիկ
հովահարիկներու
ու
կը
թրթռան,
կը
ծիածանուին,
իրենց
ոսկին
ու
զմրուխտը
ջուրերուն
վրայ
աղբիւրի
պէս
շաղալէն։
Ո՜վ
մեր
մանկութիւնը,
մահուան
դիմաց
քեզ
որո՞ւ
ղրկել։
-
Պիտի
երգե՞ս։
Սողոմին
տեղ
ուրիշ
մը,
իր
խորերէն,
պիտի
տար
պատասխանը
սա
աղջկան,
բայց
ոչ
սա
դժոխքին
մէջ,
առնուազն
պատերէ
զերծ
միջոցին
վրայ,
աւելի
լաւ,
անշուշտ
գեղը
Սողոմին,
աս
ու
ան
անտառասոյզ
աղբիւրի
գլխին,
երբ
ջուրը
կը
խռովի
զոյգին
պատկերէն։
Կամ՝
լիճի
ափին,
ծաղկած
խնձորենիի
մը
ժանեակներուն
ներքեւ,
երբ
մեղու
մը
համբոյրէ
համբոյր
կը
թռչի։
Կամ՝
հազարամեայ
ձիթենիի
մը
լայն,
խոռոչաւոր
բունին
ստորոտը,
ծունկ
ծունկի
նստած,
երբ
աշնան
արեւը
աղջկան
այտերուն
պուտպուտ
ոսկի
կը
բանի
ու
տերեւուտքէն
դեղին
շարպաթի
պէս
կը
հոսի
ու
կը
պղպջայ
կայլակկայլակ,
հրդեհելով
հազիւ
տրտում
կաթիլները
ու
շիւղերուն
խատուտիկ
հասակը…
Սա
անդարձ
հեռուներուն
վրայ
մեր
նայուա՜ծքը։
Որ
առանց
մահուան
մուխին
ալ
կը
տամկանայ։
Եղնիկի
հրամանով
լապտերը
մօտեցաւ
Սողոմին։
Լոյսը
մատնող
է։
Կու
լա՞ր
սա
տղան։
Եւ
որո՞ւ
համար։
-
Մուսթաֆա՛,
քակէ
կապերը։
Հակառակ
իր
տարօրինակութեան,
պահակը,
առանց
մեկնաբանութեան,
գործադրեց
հանըմին
հրամանը։
Տարիներու
փորձառութիւնը
անոր
սորվեցուցեր
էր
արժէքը
հանըմին
քմայքներուն։
Ծառաներուն
պարտականութի՞ւնը,
–
չհարցնել
ու
գործադրել։
Տասնհինգէն
վար
արարածին
մօտ
ներքինին
ծառայ
է
միշտ։
Տղուն
անութէն
ու
կոնքէն
կտրուեցան
չուանները։
Շղթան
կ’ընդդիմանար։
Ու
պահակը
չունէր
անոնց
բանալին։
-
Ելի՛ր
ոտքի։
Ու
բռնեց
թեւէն։
Ի՜նչ
խմորէ
կը
շինուին
թեւերը
աղջիկներուն։
Պատանիները
երբեմն
հարցուցին
ատիկա
իրենք
իրենց,
բայց
հեռու
մահէն,
բայց
մօտիկը
թզենիներուն,
կամ
սարփինային,
կամ
թթաստանին,
կամ
խաղողի
սակառին
մէջ,
երբ
բռնեցին
անոնք
թաթերը
ու
թօթուըւեցան
իրենց
բոլոր
ոսկորներէն։
Մեղմ,
գրեթէ
ամչնալով
իր
ջախջախուած
մարմինին
բեռէն՝
սա
բազուկներուն,
անիկա
կրցաւ
կանգնիլ
իր
սրունքներուն
վրայ։
Բայց
դող
ունէր.
հազար
խորշերէ
ցաւին
լարերը
շարժումի
ելան։
Անիկա
կը
վախնար
իյնալէ,
ինչպէս
կը
քաշուէր,
ծանրանալէն
աղջկան
բազուկներուն։
Յետոյ
անջատեցին
զինքը
երկաթ
օղակէն։
Կը
քալէի՞ն։
Անցան
Մաթիկին
դիակին
քովէ`
առանց
յաւելեալ
յուզումի։
Մեռելներուն
ճակատագիրն
է
ատիկա,
երբ
շատ
մօտիկէն
չեն
փրթած։
Յառաջացան
դէպի
փորուածքը,
որ
աղօթավայր
ծառայած
էր
չարագուշակ
կրօնականին։
Վեց
քայլ
սա
գնացքը
սպառեց
սակայն
Սողոմենց
տղան,
որ
չիյնալու
համար՝
ստիպուեցաւ
իջնալ
ծունկերուն,
կռնակը
տալով
պատին։
Միւս
կողմէ՝
ամէն
ինչ
անոր
շուրջը
կը
թուէր
անգայտ
ու
երազային։
Մահուան
հոտը
թանձր
էր՝
ինչպէս
մշուշի
կպչուն
տրտմութիւնը
անձրեւէն
ետքը։
Եղնիկը
փորուածքի
եզրին,
մարմինը
դրած
կապարագոյն
վերարկուին։
Որուն
մատերը
երբեմներբեմն
կը
հանդիպէին
տղուն
մազերուն,
առանց
վախի։
-Անո՞ւնդ։
-Սողոմ։
-Ես
գիտեմ
Սուղում։
-Թուրքերէն
այդպէս
ալ
կը
կարդացուի։
-Դուն
թուրքերէն
կարդալ
գիտե՞ս։
-Գիտեմ։
-Շա՞տ։
-Քիչ։
-Լաւ
է
ատիկա։
-Գիտես
ի՞նչ
մեծ
ազգ
է
մեր
ազգը։
Միջամտողը՝
սեւամորթ
պահակը։
Սողոմը
չպատասխանեց։
-Գործիդ
չի
գար,
չես
պատասխաներ,
շարունակեց
անիկա,
բայց
մենք
տիրեր
ենք
աշխարհի
կէսին։
Անտրամադիր,
գրեթէ
նեղուա՜ծ
փիլիսոփայ
պահակը։
Վասնզի,
աղջկան
ներկայութեան՝
անիկա
չէր
կրնար
իր
նախադասութիւնը
պսակել
շատ
բնական
վերջաբանով
մը,
առնուազն
կլոր,
հոտող
ու
տպաւորիչ
հայհոյանքով
մը,
որով
կ’աւարտէին,
այն
օրերուն,
քրիստոնեան
«խոզի
ձագի»
վերածող
անուշիկ,
բարքերու
կարգ
անցած
նախատինքները
թուրքերու
բերնէն։
Ամբողջ
կայսրութիւն
մը
այսպէս
ապրեր
է
դարերով։
Չկամ՝
անիկա
աւելցուց
նոր
դէպքերու
մուրճին
տակ
ստացուած
միւս
իմաստութիւնն
ալ։
-Ձեզի
չափ
անխելք
ժողովուրդ
դեռ
չէ
եկած
աս
աշխարհին
վրայ։
Հայերը
անխե՛լք
էին
ազատութիւն
ուզելնուն։
Աւելի՝
դժգոհ
ըլլալնուն
այն
արքայութենէն,
որ
իրենց
երկիրն
էր
այդ
ազգին,
ապերախտ
ազգին
վայելումին
տրամադրուած։
Այս
մտածումները
դեռ
չեն
կորսնցուցած
իրենց
թշուառական
կեղծիքը
անոնց
թերթերուն
մէջ։
-Չի
բաւեր,
որ
ձեր
հաստ
գլուխին
երեսէն
կորսնցուցած
էք
ճեննէթը։
Ամէն
միւսլիւման,
թուրք
ըլլալուն
չափ՝
հպարտ
էր
իր
իսլամութեամբը։
Այդ
բարիքը
ամէն
օր
անիկա
պիտի
վայելէ
ինքը
իրեն
համար։
Միւս
կողմէ՝
պարտքն
է
անոր,
այդ
բարիքին
կանչելու,
անկէ
զրկուածները։
-Ճեհեննէմին
կրակէն
առաջ,
գոնէ
ընէիք
խելք,
մարդավայել
կեանք
մը
առնելու
սա
աշխարհէն։
Իր
Սաղմոսովը,
Նարեկ
ովը,
Աստուածաշունչովը,
մա՛նաւանդ
Յայսմաւուրքին
հզօր
վկաներուն
ոգեկոչմամբը
ինքզինքը
հոգեպէս
զինած
ու
հակառակ
արիւն
թափած
ըլլալուն,
Քրիստոսի
անունով
մեռնելու
միամիտ
հաւատքին
մէջ
իր
խաղաղութիւնը
գրեթէ
գտած
մահապարտը
կը
խրտչէր
սա
իմաստուն
խօսքերէն։
Անոր
դէմքը
եղաւ
բուռն,
որքան
կարելի
էր
ատիկա։
-Առնելն
ու
տալը
կարգով։
-Չհասկցանք,
-
կտրեց
տղուն
բառերը
պերճախօս
պահակը,
քիթին
սիւնակը
մէկ
կողմ
հրելով,
խեղկատակ
սովորութի՜ւն
մը,
աղջիկները
խնդացնելու
ծառայող։
-Դո՞ւք
ինչ
առած
էք
սա
աշխարհէն։
-Հո՛ն
են։
-Ո՞ւր։
-Հո՜ն։
Ու
անոր
սեւ
գլուխը
առաւ
դիակներուն
ուղղութիւնը։
Անհանդուրժելի՝
որքան
նախատալից
սա
իմաստութի՜ւնը։
Սողոմը
Մատաթիա
Գարագաշեանի
հեղինակած
աշխարհագրութեան
դասագիրքին
մէջ
մարդկային
ցեղի
նմոյշ
պատկերներէն
ամէնէն
շատ
կը
ծաղրէր
«դդումութիւնը»
խափշիկին։
Ու
սա
պահո՛ւն,
պուլամայի
«գաւաթ
իսկ
չեղող»
այդ
գանկէն,
ահա
պատգամնե՜ր։
-Թուրքերուն
դէմ
գործող
դաւաճանները
ուրիշ
կերպ
պիտի
չտան
իրենց
խոզի
հոգիները
շէյթան
ին
ճիրաններուն։
Ու
տուաւ
ցոյց,
առաստաղէն
կախ
երիտասարդը,
այս
անգամ
մատով։
Ու
կը
ծամէր
անիկա
ճերմակ
ակռաները,
դիւային
կատաղութեամբ։
Անհնարին
այս
ատելութիւնը
արդիւնքն
էր
ընդհանրացած
քաղաքականութեան
(անշուշտ
թուրքին
ու
հայուն
ատելութիւնը
դեռ
բաղդատելի
չէ
քաղաքացիական
կռիւներով
մշակուած
մեր
թունաւորումին,
որ
նոյն
ժողովուրդին
զաւակները
իրարու
դէմ
կը
հանէ)։
Եղնիկը,
որուն
սիրտին
թեթեւ
խառնըւուք
էր
ինկած,
նշանացի
արգիլեց
պահակը
շարունակելէ։
Չնորոգուած
օդի
ապականութի՞ւն,
թափուած
արիւնին
կծու
հա՞մը,
երիտասարդէն
իրեն
անծանօթ
արտածորո՞ւմ
մը,
ի՜նչ
գիտնար։
Բան
մը
գոյացեր
էր
սենեակին
մէջ,
ծանր
ու
դպող,
որ
կը
նեղէր,
հետզհետէ
աւելի
ուժով,
անոր
կուրծքը։
Խօսակցութեան
սա
անհաճոյ
գնացքն
ալ
դեր
ունէր
այս
մղձուկ
զգայութեան
մէջ։
Կէս
ժամ
անցեր
էր
իր
գալէն
ասդին։
Ու
անիկա
դեռ
չէր
մօտեցած
զինքը
հոս
բերող
մեծ
«խնդիրին»։
Մեր
զգացումները
այսպէս
օտար
անուններով
կը
խանձարուրենք։
-Ինծի
նայէ,
Սողոմ։
Մտերիմ,
տաք,
վարժ
հնչումով։
Ո՞ր
ճամբով
կը
հաստատուին
հոգիէ
հոգի
սա
անկարելի
շաղապատումները,
իրերահոսումները։
Նալպանտենց
հարսը,
մամա՛ն
անգամ
սա
քաղցրութեամբ
չէին
հանած
անոր
անունը
իրենց
բերանէն։
Անիկա
սպասեց
բառերուն,
որոնք
չեկան։
«Դժուար
վիճակներ
կան»,
-
կ’ըսէ
ժողովուրդը։
Աւելի
դժուա՛ր
այդ
վիճակներուն
տարազումը՝
հնչումով։
Այդ
է
պատճառը,
որ
անոնց
թերի
արտայայտութիւնը
բնազդով
վստահինք
ուրիշ
զգայարանքներու
եւ
ծորումներու։
Մարդոց
մօտ
արցունքին,
ժպիտին
եւ
նայուածքին
ստացած
արժէքները
թերեւս
կը
հպատակին
այս
վարկածին։
-Այնքան
կարեւոր
ըսելիք
ունիմ
քեզի։
Բայց
բան
չէր
ըսուած։
Տեսակ
մը
ամօթխած
շուարում
զայն
կ’ընէր
փոխն
ի
փոխ
դալուկ,
կարմրաւուն,
բայց
անծածկելի՝
զգայութիւննե՛րը,
որոնք
կը
ցոլային
թափանցիկ
անոր
միսերուն
տակէն։
Մոմերու
ցոլքին
տակ
Սողոմենց
տղան
նոր
կը
հանդիպէր
մարդկային
միսի
այս
թափանցիկ
տեսակին։
-Չե՞ս
լսեր։
Ու
կ’անգիտանար,
թէ
բան
չունէր
ըսած։
-Կը
լսեմ,
կը
նայիմ,
մտիկ
կ’ընեմ,
հանըմ։
-Հասկցա՞ծ
ես
վիճակիդ
ծանրութիւնը։
-Ըսին
ատիկա,
պէտք
եղածէն
աւելի
յստակ։
-Ե՞րբ։
-Առա՛ջ։
Բայց,
անոր
արտաբերումին
այդ
«առաջ»ը
չէր
պատկերեր
երկու
ժամ
կանխող
սպառնալիքը,
այլ՝
շատ
աւելի
ընդարձակ
բան
մը,
գրեթէ
տարի։
Տեւողութեան
պարունակէն
սա
այլայլումը
կը
բացատրէ՞
մեր
վշտին
խորութիւնը
մեզ
դիտող
անվիշտ,
անհաղորդ
օտարին։
-Բայց
քու
ձեռքդ
է
փոխել
այդ
ամէնը։
-Եզէն
հորթ
չեն
պահանջեր,
հանըմ։
Գիտցածս
ըսի
անոնց
ալ,
քեզի
ալ։
Ասկէ
անդի՞ն։
Յետոյ
կեցաւ։
Անոր
մէջ
կը
շարունակուէր
այդ
«անդին»ը։
Տրամաթիք
րոպէներու,
աչքը
կը
պատմէ
հոգիին
շարժումները։
Նայեցաւ
աղջկան
շատ
աւելի
ուժով,
որքան
չէր
ըրած
մինչեւ
այդ
րոպէն։
Վստահութիւն,
վճռականութիւն,
յանդգնութիւն
ու
երիտասարդութիւն։
-Շատ
ալ
դիւրին
է
ինծի։
-Ի՞նչը։
-Հոգին
յանձնելը։
Տեսայ։
Լռեց։
Բայց
վախն
ունէր
քիչ
ըսած
ըլլալու։
-Ի՞նչ
կ’ուզեն
ինձմէ։
Ինչո՞ւ
կ’ուշացնեն։
Ես
սպաննեցի։
Կարգը
եկած
է
ինծի
սպաննուելու։
Ասկէ
անդի՞ն։
-
Ատկէ
անդին
կայ
սակայն։
Աւելի
ճիշդ՝
ատկէ
դէպի
ետ։
Դուն
մեռնիլ
կ’ուզես
ու
դիւրին
կը
գտնես
զայն։
Բայց
չես
մտածեր,
որ
ես
եկեր
եմ,
որպէսզի
չմեռնիս։
Պահակը
ժամացոյց
նայեցաւ։
Բայց
չունէր
համարձակութիւն
տեսածը
ըսելու։
Անոր
արգիլուած
էր
ժամ
յիշեցնել
պզտիկ
հանըմին,
մինչեւ
որ
հարցումը
չգար
անկէ։
-
Չմեռնի՜մ։
-
Այո՛։
Դուն
կը
հասկնա՞ս
ինչ
բան
է
ուրիշները,
օտարները,
նոյնիսկ
թշնամիները
ազատել։
-
Մեր
գիրքերը
կը
պատուիրեն
ատիկա
մեզի։
Ձեզի՞։
-
Մեր
գիրքերը
ուրիշ
բան
մը
պատուիրեն
մեզի։
Դուն
կը
հասկնա՞ս,
թէ
ինչ
ըսել
է
մահէն
մէկը
ազատել։
-
Անշուշտ,
հանըմ,
անշուշտ։
-
Տեսե՞ր
ես
այդ
մարդերէն։
-
Անշուշտ,
հանըմ։
Ո՛ւր
որ
մարդ
կայ՝
հոն
վտանգ
կայ։
Փորձանքը
պակաս
չէ
մարդոց
կրունկներէն։
Կեցաւ։
Յետոյ՝
ճնշումին
տակը
իր
մտածումին.
-
Ուրիշին
տղեկը,
թուրքին
տղեկը
հեղեղէն
ազատելու
համար
ես
ինքս
անցեալ
ամառ
քիչ
մնաց
խեղդուէի։
-
Ո՞ւր։
-
Մեր
կողմերը։
Շերամներու
ատեն
էր
ու
բեռնով
տերեւ
կը
կրէի
մեր
լիճի
եզերքէն։
-
Յետո՞յ։
-
Ճամբան
կ’անցնի
մեր
վարի
գեղէն։
Լեռը
քակուելու
չափ
անձրեւ
եկած
էր
ան
առտուն
ու
գետակը
յորդած։
-
Յետո՞յ։
-
Գեղին
մօտիկը
բազմութիւն։
Հեղեղը
կը
քշէր
տուները,
տակառները,
հաւերը,
կենդանիները։
-
Յետո՞յ։
-
Ջուրին
վրայ
օրրան
մը,
մէջը
մանկիկ։
-
Ազատեցի՞ր։
-
Մտայ
ջուրը,
օրրանը
առի,
մօրը
տուի
ու
քշուեցայ։
Քառորդ
ժամ
ջուրերու
երեսէն
ու
տակէն
ես
կռուեցայ
հեղեղին
դէմ։
Բայց
ասոնք
աւելորդ
խօսքեր
են։
Անշո՛ւշտ
որ
մարդ
ազատելէն
անուշ
բան
չկայ
սա
մեր
աշխարհին
մէջ։
Բայց
ես
գեղացի
եմ։
Ո՛ւր՝
իմ
գլուխը,
ո՛ւր՝
գլուխը
պալատներու
մեծմեծ
մարդերուն։
Իմ
գիտցածս
շատ
բան
չէ։
Ամէն
տեղ
մարդիկ
կ’օգնեն
իրարու։
Ե
րկու
ժամ
է
կը
հարցնեմ
ես
ինծի
մեղքը
սա
ղարիպներուն։
Ու
չեմ
գտներ։
Քու
հայրիկդ
մե՞ծ
մարդ
է։
-
Մեծերուն
մեծն
է
իմ
հայրիկը։
-
Գիտէ՞։
Աղջիկը
հասկցա՞ւ։
-
Իր
ուզելո՞վը
մեռան
ասոնք։
Աղջիկը
լռեց։
Ու
տրտում
էր
Սողոմենց
տղան։
Վասնզի
մտքով
մօտեցուցեր
էր
այդ
մեծերուն
մեծութիւնը
չուանին
հասակին։
Չկրցաւ
չվերցնել
սակայն
մատը
դէպի
առաստաղը
ու
ըսաւ.
-
Մե՜ղք
անոնց
մեծութեան։
Մե՜ղք
բոլորին
ալ
մեծութեանը։
Ու
անոր
աչքին
խոնաւուկ
բան
մը
դողաց։
Քաղցր
ձայնով
տղոց
մէջ
կը
դիտուի
այս
գերզգայութիւնը։
-
Գիտե՞ս
ինչ
պզտիկ,
ինչ
խեղճ
մեռցուցին։
-
Ուրիշներուն
մահովը
շատ
կը
զբաղիս։
-
Մահը
ուրիշներունը
ըլլալէ
առաջ
մերն
է։
Ամէն
մարդ
հոգի
մը
ունի
յանձնելիք։
Մեծերն
ալ
պիտի
անցնին
այդ
չուանէն։
Եղնիկը
գտա՞ւ
կապը,
որով
իրարու
կը
միանային,
տղուն
մտքին,
առաստաղէն
կախ
մարմինը
ու
մեծութիւնը
իր
փաշա
հայրիկին։
Զգածուած,
տրորուած
խառնակ
յուզումներէ,
ուր
տարիք,
ցեղ,
կուսութիւն
ու
տարփանք
մուտք
ունէին՝
անիկա
մօտ
էր
լալու,
ջղային
այն
հեկեկանքով,
որ
քրոջը
«խոնաւութիւնները»,
դիւրագրգռութիւնները
կը
վերածէր
ժամ
տեւող
տագնապի։
Բայց
կանխուեցաւ։
Վասնզի
ուժգին
ու
խոր
հեծկլտուք
մը,
ձայն՝
որքան
արցունք,
ողողեց
չարագուշակ
մահաբեմը։
Կոկորդին
քաղցրութիւնը
անցեր
էր
սա
լացին,
որպէսզի
ըլլար
անիկա
տարօրէն
սրտառուչ։
Օտարականները
բռնեցին
իրենց
սիրտը
սա
անակնկալ
յորդումին
դիմաց,
որ
ճիչի,
կսկիծի
սլաքներով
ճամբայ
կը
բանար
անոնց
միսերուն
զրահը
բզկտելէն։
Ամէն
թուրք,
մորթի
ու
դնդերի
պէս
հագած
կը
ծնի
անգթութիւնը
ու
կ’ապրի
անով։
Սողոմը
կու
լար,
վերջապէս
լքուած
իր
ջիղերէն,
որոնք
սպառեր
էին
բոլորովին։
Երբեմն,
մահուան
ոլորտին,
շունչին
մէջ
իսկ,
մեզի
կը
տրուի
մնալ
չոր,
մնալ
կարծր։
Կը
պահենք
մեր
ներքին
լքումը
ո՛չ
թէ
ամչնալու,
վախով
կամ
յոյսով,
այլ՝
մարդկեղէն
որեւէ
զգայութենէ
մոռցուած
ըլլալնուս։
Անցեր
եմ
այդ
մահուան
գօտիէն։
Պոլսոյ
մէջ,
վտանգին
հետ
արմուկ
արմուկի,
քալելով
գաղտնի
ոստիկաններուն
մէջէն
ու
պահեր
եմ
ինքզինքս,
ո՛չ
պաղարիւնովս,
կամ
դիմակովս,
այլ՝
այդ
ամէնէն
լիովին
պարպուած
ըլլալուս։
Փոթորիկի
ատեն,
հոգին
մէկ
կտոր
է։
Անիկա
կրնայ
մահուան
հարուածը
առնել,
ինչպէս
պալար
մը
ու
դիմանալ,
մինչեւ
անոր
հասուննալը,
բացուիլը։
Այն
ատեն
շարաւը
պիտի
տարածուի
նոյնքան
ուժգին
հակահարուածով
ու
պիտի
թունաւորէ
մեզ։
Անիկա
ամչցա՜ւ։
Ջանաց
զսպել
իր
ձայնը։
Բայց
ողողուեցաւ
լացի
անդրանիկ
տագնապէն,
որ
բռներ
էր
զայն
նորէն։
Ե՞րբ
էր
կատարուեր
այդ
լացը։
Հեռո՜ւ։
Տարիէն
աւելի
հեռու,
հակառակ
անոր,
որ
ժամ
մը
ու
ասոր
կէսը
հազիւ
կը
զատէին
զինքը
այդ
կործանումէն։
Լացեր
էր
կատաղութեամբ,
սպասելու
ստիպուած
ըլլալուն,
նախանձելով
միւս
երկուքին,
ալ
ազա՛տ՝
հայէն
ու
թուրքէն։
-
Մի
լա՛ր։
Ու
դրաւ
անիկա
իր
կրակէ
ափը
տղուն
ճակատին։
Խուլ
ու
մռայլ
լռութի՛ւն,
յանկարծական՝
որքան
բզիկբզիկ,
ճեղքճեղք։
Երիտասարդութի՜ւնն
էր,
որ
կը
պարտաւորուէր
բանտուիլ
անոր
կուրծքին։
-
Մի
լար,
մի
լար,
անուշս…
Ձայնական,
զգացական
ո՞ր
պատրանքը
միջամտեց,
որպէսզի
գործածուէին
սա
բառերը,
անոր
բերնին
վրայ
այնքան
ընտանի,
քրո՜ջը
հասցէին։
Պահակին
խուլ
հազը
զայն
դարձուց
իրականութեան։
-
Այսպէս
կ’անուշցնեմ
ես
քոյրս,
երբ
լացի
իյնայ։
Ան
ալ
շատ,
շատ
կու
լայ։
Գիտե՞ս,
որ
անիկա
երեք
տարիէ
ի
վեր
հիւանդ
է։
Ու
կու
լայ
քեզմէ
շատշատ։
Քաշեր
էր
ձեռքը,
բայց
ափին
հետ
դէպի
ինքը
կու
գար
տղուն
գանկը։
Այնքան
կրակ
ու
ծանրութիւն
զգաց
անիկա։
Խորունկ
շունչով
մը
կուրծքին
ալիքը
արգիլելէ
ետքը,
բաց
ձայնով,
Սողոմենց
տղան
մրմնջեց.
-Կ’ուզեմ
որ
օգնես
ինծի։
Անիկա
կ’ամչնա՜ր։
Դէպի
կեանքը
զիջո՜ւմ՝
երբ
ուզածը
մահուան
մէջ
նպաստ
էր
միայն։
-
Ձեր
ու
մեր
Աստուածը
չի
մոռնար
բարիքը։
-
Ի՞նչ
կ’ուզես
ինձմէ։
-
Կապեն
աչքերս
ու
այնպէս
մեռցնեն։
Չեմ
ուզեր
կախեն։
-
Պիտի
չկախուիս։
-
Աստուած
սիրտիդ
չափովը
տայ
քեզի։
-
Չհասկցար
սակայն։
-
Կը
բաւէ
որքան
հասկցայ։
Մեծ,
փաշա
քու
հայրիկդ
այսքան
մը
աղէկութիւն
չի
մերժեր՝
եթէ
ուզես
այդ
բերանովդ։
-
Դուն
պիտի
չկախուիս,
պիտի
չմեռնիս,
պիտի
ազատիս
այս
բանտէն,
եթէ…
Չկրցաւ։
Ճիգ
ըրաւ,
շարունակեց.
-
Եթէ
այո՛,
եթէ…
-
Եթէ
դուն
ինքդ
ուզես…
-
Ինչպէ՞ս։
-
Եթէ
մեր
Հագ
տինը
ընդունիս,
օղլում
Սուղում։
Ահա
կարճ
խօսքով,
հանըմ
էֆէնտիին
առաջարկը։
Ազատելու
ուրիշ
ճամբայ
չկայ
քեզի
համար։
Եղնիկը,
հաճ
ու
թեթեւ.
-
Այո,
Սողոմ,
այո։
Ձայնէն,
հոգեկան
այս
թեթեւութիւնը
տարածուեր
էր
անոր
միւս
շարժումներուն։
Ամբողջ
դէմքը
բացուեցաւ
ինքնաբերաբար
ու
հանըմինը
գտաւ
տեսակ
մը
պերճ
գոհունակութիւն,
ինչպէս
կ’ընեն
կարգ
մը
յուզումներ
մեր
արտայայտութեան
վրայ
այդ
փոփոխումները։
-
Քեզի
երդում,
սա
աչքերու
ս
վրայ,
որ
քեզ
կ’ազատեմ
բաց
մնացած
այդ
մէկ
հատիկ
ճամբով։
Անշուշտ
փաշային
աղջիկը
եւ
անոր
ներքինի
պահակը
բանտ
մտնելէ
առ
ա
ջ
չէին
ունեցած
մտածման
փոխանակութիւն։
Բայց
ամէն
թուրք
հոգեւոր
պարտքին
տակը
կը
ծնէր
անհաւատ
մը
«ածելու
փրկութեան
փարախը»։
Համիսլամութիւնը
կերպը
գտած
էր
հաշտուելու
արդի
քաղաքակրթութեան
մեծ
օրէնքներուն
հետ։
Անիկա,
կէս
դար
առաջ,
տիրական
երեւոյթն
էր
թուրք
կայսրութեան։
Բայց
կէս
դար
վերջը
ի
զօրու
էր,
քրիստոնեայ
պատժապարտներու
համար,
ազատումի
այդ
անվրէպ
ճամբան։
Ոճիրէն,
սպանութեամբ
վերջացող
ոճիրէն
դուրս,
մնացեալ
մեղքերը
կը
մաքրուէին
առանց
արարողութեան,
երբ
քրիստոնեան
ընդունէր
արդար
եւ
իրաւ
հաւատքը։
Դարերով
նուիրագործում
ունեցող
այս
աւանդութիւնը
Թանզիմաթէն,
Գանունը
Էսասի
էն
հազիւ
ազդուած,
կը
գործէր
հանրահաճ
հեղինակութեամբ,
Մեճելլէ
ի
(թրքական
օրինագիրքը)
յօդուածները
անգամ
ենթարկելով
իր
պատգամներուն։
Ո՞ր
զեղծումին
արդարացումը
դժուար
է
թուրքին
համար։
Անհուն
սպանդ
մը
գործադրեցին
Մեծ
պատերազմին
եւ
մաքրեցին
իրենց
ձեռքերը
մեր
իսկ
բերանով
հաստատուած
փաստերո՜վ։
…Ամէն
քրիստոնեայ
մարդասպան
կարող
էր
դրամական
ձեռնարկներով
ճամբայ
հարթել
դէպի
հաւատափոխութիւն։
Դատական
արդարութիւնը
հրճուանքով
կ’ընդառաջէր
այս
տրամադրութիւնները
`
լրացնելով
կարելի
թերիները,
ձեւակերպական
արարողութիւնները,
վկաներու
պարտ
ու
պատշաճ
շահագործումով,
փաստերը
մեկնելու
եւ
արժեցնելու
ահաւոր
ճկունութեամբ
մը,
որմէ
չէին
ամչնար
Եւրոպա
ուսած
դատական
նախարարներն
անգամ։
Ու,
օրցերեկով,
հազարով
աչքերու
ներկայութեամբ,
իր
եղբայրը,
ազգականը,
ցեղակիցը
սպաննող,
կախաղանով
մաքրուելիք
թշուառականը,
կ’անպարտանար,
կը
սրբանար,
վկաներու
փաստերուն
մէջ
դիտուած,
հնարուած
հակասութեանց
երեսէն
ու
կը
մտնէր
«փարախը»
անքոյթ,
օրհնաբեր
հաւատքին,
գլուխին
հետ
նոյն
հարուածով
հոգին
ալ
ազատելով,
աւրելու
համար
այդ
«գործողութեամբ»
երկրորդ
անգամ
մըն
ալ
տունն
ու
տեղը
սպաննուածին,
ասոր
սուգին
բարդելով
դատական
ծախքերը,
բանտարկութեան
առթած
վնասներու
հատուցումը։
Մեռնողին
շարժուն
եւ
անշարժ
ստացուածքները
անբաւական
կ’ըլլային
այդ
ծախքերը
դիմաւորելու։
Կառավարութիւնը
անոր
պարագաներուն
գլուխէն
տունն
ալ
չէր
վարաներ
ծախելու,
արդարութիւնը
գործադրող
իր
սուրբ
եռանդին
մէջ։
-Ինչո՞ւ
կը
լռես,
-
հարցուց
պահակը
իր
կալուածին
մէջ
պերճ
հռետորի
մը
ջերմութեամբը։
Շատերու
բերնին
լեզուն
ուժի
գործարան
մըն
է։
Տարուած
իր
առաջարկին
հեռանկար
գեղեցկութենէն,
առանց
պատասխանի
սպասելու
շարունակեց.
-Այս
առաջարկը
բախտերուն
բախտն
է
քեզի
համար,
հազարէն
մէկ
չի
պատահիր,
գիտցա՛ծ
ըլլաս։
-Այո՜։
-Ատկէ
զատ,
մի
մոռնար,
որ
քու
գործիդ
քոմիթա
ալ
խառնուած
է։
Մի
մոռնար,
որ
առտուն
կանուխ
պիտի
իյնաս
ա
սոնց
պէս։
Կը
խօսէր
համոզիչ,
նենգ
ու
արդար
իր
շեշտովը.
-Կ’ազատիս։
Տարիքդ
մեծ
չէ,
կը
դնենք
քեզի
մեր
վարժարաններէն
մէկը։
Կը
խօսէր
վարժ,
շատ
մը
նման
ձեռնարկներ
գլուխ
հանող
մարդու
բնականութեամբ։
-
Սքանչելի
ձայն
ունիս։
Մինակ
ատիկա
բաւ
է,
որ
մեծ
մարդ
մը
դառնաս։
Աստուած
եթէ
ուզէ,
փառաւոր,
աննման
ապագայ
կը
սպասէ
քեզի։
Քոմանտան
փաշան
աչքին
լուսին
պէս
պիտի
սիրէ
քեզ։
Այնպէս
չէ՞,
հանըմ
էֆէնտի։
-
Այնպէս
է,
այնպէս
է։
-
Անիկա
մեր
վիլայէթ
ին
(նահանգ)
բոլոր
ձայնով
մարդերը,
տղաքը
կ’ողողէ
բարիքով։
Բոլոր
միւէզ
զ
ինները,
աշուղները
ափերով
ոսկի
կ’առնեն
անկէ։
Սո՞ւտ
կ’ըսեմ,
հանըմ
էֆէնտի,
դուք
վկայեցէք։
-
Ճիշդ
կ’ըսէ
Մուսթաֆան…
-
Աստուծով
կ’աւարտես
դպրոցը։
Ես
համոզուած
եմ
քեզ
Աւրոփա
ալ
կը
ղրկեն։
Կը
զարգանաս
ու
կը
ծառայես
մեր
շատ
մեծ,
շատ
գեղեցիկ
հայրենիքին։
Այդ
օրերուն
«հայրենիքը»
աւելի
հոծ,
աւելի
շօշափելի
մտապատկեր
մըն
էր
թուրքին
համար։
Համիտին
ռէժիմին
նկարագիրներէն
մէ՛կը,
այդ
ամրակազմ
ու
փառաւոր
իսլամութի՛ւնը,
որ
դպրոցներով
եւ
եւրոպական
վարչաձեւով
(թուրքերը
օրինակած
են
վարչական
մեքենան)
ապահովուած,
անսահման
վստահութիւն
ունէր
վեհապետին
աստուածային
անսխալութեան։
-
Ձերիններէն
քանի՜քանի՜
հատ
կը
ճանչնամ,
որոնց
բերանը
անօթի
կը
հոտէր։
Անոնք
քեզի
պէս
կախաղանցու
ալ
չէին։
Մտիկ
ըրին
մեզի,
մտան
մեր
կրօնքին
մէջ։
Հիմա՞։
Պալատներու
մէջ
կը
բնակին։
Աստուած
ուզէ
ելլես
բանտէն,
պիտի
տեսնես
աչքովդ։
Առջիդ
ելլող
հրապարակին
բոլոր
սրճարանները
կը
պատկանին
ձեր
կողմերէն
խելացի
ու
կրօնափոխ
հայու
մը,
որ
այսօր
մեր
քաղաքին
երեւելի
մարդոց
մէջն
է։
Ի՞նչ
պիտի
ըլլար
անիկա,
եթէ
մնար
իր
պապերուն
սխալին
մէջ։
Ձկնորսի
տղայ
էր,
ըսին։
Գողութեան
համար
պատիժ
էր
կերեր։
Առաջին
տարին
չլրացուցած՝
անիկա
ընդունեց
մեր
արդար
ու
իրաւ
կրօնքը։
Արդի՞ւնքը։
Մէջտեղն
է։
Այսպէս
քանինե՜ր։
Բոլորն
ալ
կը
հասնին
մեր
պետութեան
բարձրագոյն
պաշտօններուն։
Պէյ,
փաշա,
վէզիր։
Ինչո՛ւ
չէ։
Հերիք
է,
որ
գրուած
ըլլայ
ատիկա
ճակատիդ։
Սխա՞լ
են
ըսածներս,
հանըմ
էֆէնտի։
-
Բառ
առ
բառ
ճիշդ
են,
Մուսթաֆա՛,
պատմածներդ։
Իմ
հայրս
ձայնէն
աւելի
սիրած
բան
չունի
աշխարհին
վրայ։
Անիկա
պաշտպան
պիտի
կանգնի
քեզի։
Իմ
մայրս
շատ
կը
սիրէ
Հաւատիսը։
Դուն
կը
ճանչնա՞ս
Հաւատիսը։
-
Չեմ
ճանչնար։
-
Ձեզմէ
է։
Քեզի
չափ
անուշ
ձայնով։
-
Մեր
կողմերէ՞ն։
-
Չէ,
հեռուներէն։
Քանի
տարի
է,
մեր
խոհարարն
է
անիկա։
Իմ
ծնելէս
առաջ
ալ
մեր
խոհարարն
է
եղեր։
-
Հիմա՞։
-
Հիմա
ալ։
Ձայնը՝
անուշ
ու
շատ։
Բայց
խելքը՝
քիչ։
Մնացեր
է
իր
կրօնքին
մէջ
ու
չէ
կրցեր
խոհանոցէն
վեր
ելլել։
Մինչդեռ,
այդ
ձայնով
անիկա
շատ,
շա՜տ
կրնար
մեծնալ,
եթէ
մեր
հաւատքը
ընդունէր։
Անհաւատալի
սա
իմաստութի՞ւնը,
անփորձ
սա
աղջիկէն,
որ
դիւրին
ու
պատրաստ
այս
կեղծիքին
մէջ
կը
փաթթէր
ինքզինքը,
իր
հիմնական
զգացումը
օտարէն
պահելու
հոգովը
տարուած։
Պէտք
չէ
դատել
այժմու
հոգեբանութեամբ
մը
գրեթէ
կիսադար
մը
կանուխ
վիճակներ։
Միսիոնարները,
հաւատքի
առաքեալները
կը
պատրաստուին,
կու
գան
ազատամտութեան
ոստաններէն։
Գուցէ
մարդեր
շատ
տեսնեն
այս
մտայնութիւնը
աղջիկներու
մօտ։
Բայց
պարտաւոր
են
խորանալ
այն
խոր
ու
միապաղաղ
բարեխառնութեան,
որով
պարուրուած
եղաւ
թուրքերուն
հոգին
այդ
շրջաններուն։
Դասական
ու
բարբարոս
անոնց
մոլեռանդութիւնը
երկու
մեծ
հնոցներու
մէջ
ենթարկուեցան
նորոգող
կրակի։
Քաղաքային
վարժարանները
ու
կրօնական
շատ
ամուր
կրթութիւն
մը
իրարու
միացան՝
երեւան
բերելու
համար
անսահման
ինքնավստահութիւն
մը
իրենց
ցեղին
վրայ։
-
Կ’աղաչեմ
քեզի,
որ
չկրկնես
անոր
սխալը։
Դուն
ազատ
մէկն
ալ
չես
Հաւատիսին
պէս։
Երկու
արիւն,
քոմիթան
արդէն
կը
բաւեն
քեզ
զգոյշ
ու
խելացի
ընելու։
Կախաղան,
առնուազն,
ան
ալ
հրաշքով
միայն
հաւանական,
ցմահ
բերդարգելութիւն
մը
կը
սպասեն
քեզի։
Ասոնք
գիտես
հարկաւ։
Տաք,
արգահատող
բան
կար
այս
բառերուն
ներքեւ։
-
Ատկէ
առաջ
մահը,
առտու
կանուխ։
Մուսթաֆան
էր։
Ի՜նչ
պարզ
ու
բնական
էր
անիկա,
հոգեկան
իր
հարուստ
հաճութեամբը,
ծիրանաւոր
այն
վայելչականութեամբ,
որ
թուրքերուն
մօտ
սպաննելը
զերծ
կ’ընէ
իր
առնուազն
սանթիմանթալ
խռովքներէն։
Տեսայ
զիրենք,
երբ
կը
սպաննէին։
Ու
նախնական
էր
անոնց
հոգեվիճակը։
Տեսայ
զիրենք,
երբ
կը
սպաննուէին։
Ու
նախնական
էր
անոնց
հոգեվիճակը։
-
Հա՜,
առտուն
կանո՛ւխ,
չմոռնաս։
Անոր
դէմքին
ու
ձայնին
մէջ,
այդ
րոպէին
գո՛լը
այն
օրերուն,
երբ
մէկի
տեղ
հազարներ
իրարու
կը
կրկնէին
սա
պատգամը,
դանակներ
սրցնելով,
օտար
ալ
ըրած
իրենց
արտայայտութիւնը
կիրքի
եւ
յուզումի։
Ամէն
տեղ
անոնք
սպանդը
գործադրեցին
սա
ահաւոր
սառնութեամբ,
խաղխնդումով,
յաճախ
թմբուկով
ու
զուռնայով։
-Դուք
գիտէ՞ք
մահէն
աւելի
արժող
բան
մը,
-
հարցուց
Սողոմը`
զայրացած
սեւամորթին
շնական
շեշտէն։
-Կեա՛նքը։
Վստահ
եղիր
ատոր,
-
ընդմիջեց
Եղնիկը,
-
դուն
չես
ճանչնար
անոր
արժէքը։
Աշխարհի
վրայ
կան
մեծութիւններ,
վայելքներ,
որոնք
չեն
մօտեցուիր
քու
ուղեղիդ։
Կայ
տակաւին
գեղեցկութիւնը
արիւնին։
Կը
հասկնա՞ս։
Երիտասարդ
ես
ու
հակառակ
ձեռքէդ
ելած
արիւնին,
բախտաւոր
ալ։
Մեղք
է
այդ
ամէնը
չտեսնել
ուզել։
Կոյր
ծնած
մը
արեւը
չ’ըմբռներ։
Բայց
չի
կրնար
ալ
զայն
հերքել։
Կ’ըսեմ
ասոնք
քու
բարիքիդ
համար։
Ու
իր
բառերուն
ետեւէն՝
անիկա
մուտք
մը
կը
փնտռէր
տղուն
հոգիէն,
քանի
որ
նայող,
բաց՝
աչքերը
Սողոմին
հեռու
կը
թուէին
ձայնէն
ու
տեղէն։
Սողոմենց
տղան
մտովի
կը
հետեւէր
Վարք
սրբոց
էն
տեսարանի
մը,
զոր
կարդացեր
էր
կիներու
խումբի
մը,
կիրակնօրեայ
հաւաքոյթի
մը
պահուն
աղջիկներու
վարժարանը,
ուր
ժամէն
ու
պատարագէն
չկշտացող
բարեպաշտները
կը
կատարէին
յաւելեալ
պաշտամունք,
աղօթքով,
երգով,
ընթերցումով։
…Այդ
հեռաւոր
երկրին
մէջ,
մահուան
վաղորդայնին,
գրեթէ
սա
լեզուով
էր
խօսեր
պալատական
աղջիկ
մը
քրիստոնեայ
նորընծայ
տղու
մը,
դեռ
քսան
չմտած`
գովելով
անոր
համն
ու
վայելչութիւնը
սա
գեղեցիկ
աշխարհին։
Աւելի՛ն.
իր
անձը
չէր
վարանած
անոր
ընծայաբերելու։
Յայսմաւուրքեան
պատկերներուն
ուժն
է
այսպէս
խուժել
մեր
վրայ։
…Մեղմ
ու
բարի,
արդէն
«լցեալ
շնորհօք
Սուրբ
Հոգւոյն»,
Քրիստոսի
սուրբ
նահատակը
կոխոտած
էր
«առաթուր
զորոգայթս
բանսարկուին,
արժանի
եղեալ
երկնաւոր
Բրաբիոնին»…
ու
ելած,
առտուն
կանուխ
դահիճին,
մինչ
անոր
խաղաղ
աչքերուն
կը
պարզուէր
երկինքը,
ու
ասոր
անարատ
Որդին,
փուշպսակէն
արեան
կաթիլներով
տարածութիւնը
«մարգարտօք»
եւ
գոհարով
ողողելով։
-Երկի՞նքը։
Հարցուց
անիկա`
ուժ
առած
գեղեցիկ,
հեռաւոր
տեսիլքէն։
Տղա՜յ,
բոլորովին
տղայ
ես
դուն։
Երկի՞նքը։
Անշուշտ
ձե՛րը,
այնպէս
չէ՞։
Բայց
ձեր
գիրքերուն
մէջ
գրա՞ծ
են
նաեւ
մեր
երկինքին
մասին,
որ
հազար
անգամ
հազար
աւելի
կ’արժէ
ձերինէն։
Ան
ի՜նչ
խեղճ
բան
է
ադ
ձեր
երկինքը։
Պոլիս
տեսեր
եմ
անոր
լուսանկարը։
Ձեր
եկեղեցիներուն
խոշորցուած
պատկերը
ճիշդ։
Դուն
լսէի՜ր
մերինէն։
Դուն
գիտե՞ս
լուսէ
մարմինը
հուրիներուն
։
Ամէն
հաւատացեալ
անոնց
թեւերուն
մէջ
պիտի
հանգչի։
Ու
անոր
թեւերը
անզգալի
կիսաղեղի
մը
մէջ
առնել
թուեցան
ինչ
որ
անոր
բառերը
դրին
միջոցին։
Սողոմը
կախեց
գլուխը։
Պատկե՞րն
էր,
որ
զինքը
կը
խռովէր,
թէ
ուրիշ
յուզումներ,
իր
ոսկորներուն
մէջ
նեարդացած
հին
զգայութիւններ
դողի
ելեր
էին։
Անիկա
առաջին
անգամ
որոշակի
զգաց
ծածկուած
մասը
անոր
բառերուն։
Հաւատքը
փոխելը
մահէն
ալ
ծանր
դասած
էին
մեր
պատմիչները։
Ու
անոնց
հետեւող
մեր
մամերը
այդպէս
են
սորվեցուցած
իրենց
թոռներուն։
Բայց
մեր
պատմիչները
չեն
խօսած
սա
անիմանալի
ալ
աղջիկէն,
թէեւ
մեր
մամերը
կը
զգուշացնէին
մեր
ոտքերը
դէպի
թուրքին
արտերը
զառածելէ։
Յանկարծ
զգաց,
որ
պատասխանին
դժուարութենէն
աւելի,
անիկա
ողողուած
էր
մարմինովը
սա
աղջկան,
որ
տեսիլքի՝
«արմանք»
առթող
տեսիլքի
իր
նկարագրէն
ելեր
էր
դուրս
ու
կ’ազդէր
անոր
զգայարանքներուն,
անվրէպ
մագնիսովը
սեռին։
Այս
«թափանցումնե՜րը»
սեռէն,
որով
մէկ
օրէն
միւսը,
հոս
տրուածին
պէս՝
մէկ
ժամէն
միւսը
մեր
հոգեկան
կազմը
կ’այլանայ
մեզմէ
ու
մեր
խելօքութենէն
կամ
գազանութենէն
կը
ստեղծէ
նո՜րը։
Տիրացո՞ւ։
Թող
նահանջեն
այդ
տարիները։
Անոր
մէջ
կը
յառնէր
միսէ
ու
ոսկորէ
պատանին,
զոր
իրերայաջորդ
ու
արիւնոտ
դէպքերը
խորտակած
էին
ատենէ
մը
ի
վեր։
Բայց
սեռին
խորհուրդն
է
մեր
փոշիներն
իսկ
օգտագործել
ու
հանդերձել
նոր
ստեղծումին։
Անհո՜ւն
անոր
ըղձաւորութիւնը
պլլուելու
անոր
հասակին…։
Ստիպուեցաւ
գլուխը
աւելի
խոնարհել։
-Առջիդ
մի
նայիր։
Հիմա՝
որ
այս
ամէնը
ըսուեցան
քեզի,
դուն
արդէն
կը
պատկանիս
մեր
կրօնքին։
Շահած
ես
գլուխդ
ու
մեր
ճեննէթը։
Պահակը
կեցաւ`
առանց
շեշտէն
իջնելու։
-Կան
տակաւին
բաներ,
որոնք
պիտի
իմանաս
աւելի
վերջը։
Ի՞նչ
կ’ուզէր
թելադրել։
-Այո,
բաներ,
շատ
բաներ։
Եղնիկն
էր,
ջանալով
անոր
գլուխը
վեր
առնել,
քիչ
մը
աւելի
մօտեցած
անոր։
Սողոմը
մնաց
անշարժ։
Ու
եղաւ
լռութիւն։
-Ժա՞մը,
Մուսթաֆա։
-Անցած
է
շատոնց,
հանըմ
էֆէնտի։
-Ատեն
է
մեկնելու։
Հոն
էր
սակայն։
-Տակաւին
շատ
տեղեր
ունիմ։
Կ’ըսէր
գրեթէ
ինքնիրեն,
նախապէս
վճռուածին
վստահութեամբը,
որ
մեր
ձայնը
կը
զատէ
մեզմէ։
-Շատ,
շա՜տ
տեղեր։
Ա՛յնքան՝
որ
բառով
յայտարարուած
սա
մեկնումին
իբր
հակառակ
իմաստ
անդրադարձաւ
անոր
դէմքին,
որ
կը
մօտենար,
հովէն։
Կը
խօսինք
երբեմն
ճիշդ
հակառակը
մեր
մտածումին։
Ու
կեղծիք
չէ
ասիկա,
քանի
որ
կ’ընենք
զայն
մեր
գիտակցութեան
չհասած
օրէնքներով։
Որքան
պիտի
ուզէր
անիկա
յամենալ
սա
տղուն
մօտ։
Որքան
կ’ուզէր…
-Շատ
մարդեր,
տեսնելու։
Չէր
զգացած,
թէ
կը
քսէր
թաւիշ
իր
շրջազգեստը
տղուն
այտին,
այնքան
մօտ
էր
անոր,
իր
ներսէն։
-Պատուիրակ
փաշան…
Եղնիկը,
խիստ,
սեւեռեց
միջամտող
պահակը,
որ
հազարապետը
յիշեր
էր
հօրմէն
առաջ։
-Հայրի՛կս։
Շեշտեց
անիկա
ձայնին։
Միւս
կողմէ՝
իր
մարմինը
տաք
բանով
մը
սկսած
էր
տարբերիլ,
վասնզի
տղուն
շունչը
կը
թափանցէր
մետաքսէն։
-Անոր
հրամանովը
վաղ
առտուան
վտանգը
պէտք
է
հեռանայ։
-Այո՛,
հանըմ
էֆէնտի,
այո՛.
քոմանտան
փաշան։
Ներքինիները
շատ
դիւրաւ
կը
թափանցեն
կիներու
խորհուրդին
ու
կը
հասկնան
չըսուած
բաներէն։
-Հայտէ,
Մուսթաֆա,
վերցուր
լապտերը։
Ու
չէր
անդրադառնար,
որ
փոխանակ
բացուելու
տղայէն,
կը
դպէր
անոր,
գրեթէ
ճնշելու
չափ,
թաւիշէն
ալ
հաստ
մասովը
իր
զիստին։
Պահակը
չերկնցուց
ձեռքը։
Խորունկ
հոգեբան՝
անիկա
սորվեր
էր
հաւատալ
իր
պտըտցուցած
կիներուն
աչքին,
դէմքին,
քան
թէ
խօսքերուն։
Անվրէպ
անոր
փորձառութի՜ւնը
սա
հանըմներուն
ինքնամոռանքէն,
երբ
այնքան
արգելքներէ,
վտանգներէ
ետքը
անոնք
պատեհութիւնը
գտնէին
արուներու
–
սիրահարները
ուրիշ
բառ
չունեցան
անոր
բերնին
վրայհետ
ըլլալու։
-Քեզ
ազատելով
մինակ
քեզի
չէ,
որ
բարիք
կ’ընեմ…
Չշարունակեց։
Կը
վախնա՞ր
աւելի
խօսած
ըլլալէ։
Անոր
ճկոյթը
խոշոր
մատնիովը
վեր
առաւ
մէկ
խոպոպիկը։
Կիները
ունին
այս
մանր
շարժումները,
որոնք
հոգին
կը
բանան։
-Կ’ընեմ
բարիք
ուրիշին։
-Ո՞վ
ադ
ուրիշը։
Սողոմը
հարցուցեր
էր
արագ։
-Կու
գայ
ատենը
ատ
ալ
գիտնալու…
Ըսուած՝
տարտամ,
ինքնիրմէ
հեռու
կամեցողութեամբ
մը։
Ունինք
այս
յայտնութիւններէն,
մեզմէ
չգուշակուած։
Անոնք
մեզմէ
մեկնած
պահուն
սեւեռելի
չեն,
ու
ատով՝
աւելի
մատնող։
Միայն
կարմիրի
ալիք
մը
եկաւ
ու
անցաւ
անոր
այտերէն։
-Մի
մտածեր…
Չշարունակեց։
Կը
վախնա՞ր
արտասանելէ
բառը,
որ
մտքին
մէջ
կազմուած
էր
այնքան
կանուխէն,
տակաւին
բանտ
չմտած։
…
Ե՞րբ
դրաւ
ափը
անոր
ճակտին։
Շեղ՝
մատերուն
ծայրերը
գտնելու
աստիճան
անոր
քունքը։
Բայց
լայն
ու
ամբողջ։
Անիկա
ունէր
սա
ընտանութիւնը,
մօրն
իսկ
ներկայութեան,
վարպետ
Հաւատիսին
հետ,
մռայլ
անոր
ճակատը
սուր
եղունգներով
արիւնելու
չափ
գծաւորելէ
ետքը։
Կատո՜ւ։
Երկրորդ
իր
անո՜ւնը՝
խոհարարին
անուշիկ
բերնէն,
որ
հեղինակն
էր
առաջինին
ալ։
Եղնիկը,
թուրքերուն
Կազէլը,
գիւտն
էր
Հաւատիսին,
որ
այդ
փափուկ
էակին
թրքութիւնը
կը
վանէր՝
ֆաթման
մոռցնելով։
Այրեցաւեր
այդ
երեսին
այդ
ա՜փը։
Ածականները
դուք
գտէք։
Ազատութիւն,
երիտասարդութիւն,
իշխանուհիներու
շղարշով
հիւսուած
անկողի՜ն։
Ա՞փը։
Աւելի՜ն։
Սողոմը
սարսուռով
յիշեց
բանտի
իր
ընկերը,
որ
մորթեր
էր
սա
տարիքէն
աղջիկը
փաշային։
Ա՜փը։
-Կը
մնաս
հոս
այս
գիշեր
ալ։
Ոչ
մէկը
կրնայ
դպիլ
քու
մազիդ։
Ու
ափը
եղաւ
անուշիկ
ալիք
մը,
տաք
բան,
որ
դողաց,
գոգաւոր
եղաւ,
քալել
ուզեց,
բայց
մնաց։
Մեղմ
այդ
սեղմումը,
որով
ուրիշի
միսին
վրայ
սիրտ
մը
կը
դնենք։
-Առտուն
կը
տարուիս
քու
հին
տեղդ։
Ափը
եղաւ
հաստատ
թիկունք։
Տարածուեր
էր
տղուն
ամբողջ
երեսին։
Այդպէս
կ’ընեն
մայրերը
իրենց
լացող
փոքրերուն։
Ու
ամէն
աղջիկ
մայր
է,
առնուազն
պուպրիկի
մը
այտերուն։
Այդպէս
կ’ընէր
անիկա
վարպետ
Հաւատիսին,
ծունկը
դրած
անոր
ծունկին,
երկու
ափերուն
մէջ
մեղմ
ապտակելով
անհասկնալի
դէմքը
խոհարարին,
ու
սպասելով
իր
մէջ
մռայլ
բաներու,
որոնք
գոյ
են
բայց
անձեւ,
երկար
ատեն
ջիղերով
անսեւեռելի։
Խոհարարը,
հօր
մը
պէս
պիտի
հանդուրժէր
սա
ընտանութիւնը,
քրտնած,
հետզհետէ
տրտում,
մինչեւ
աղիքները
դղրդուած
անտարազելի
զգացումով,
որ
տարօրինակ
յստակութեամբ
կ’անցնէր
պարման
աղջիկին
ու
կը
նեղէր
զայն։
Սեռային
հոսանուտ
մը
կա՞յ։
Ու
կա՞ն
անկէ
զերծ
մարմիններ։
Մեր
քաղաքակրթութեան
մէջ
շատ
քիչ
է
անոնց
թիւը,
–
քոյր,
եղբայր…։
Ինչո՞ւ
մարմնական
սա
ողողումին
դէմ
չէզոք
կը
մնար
վարպետ
Հաւատիսը…։
Աղջիկները
կանուխէն
կը
հարցնեն
այս
յիմար
բաները
իրենք
իրենց։
Ու
կը
նեղուին,
ո՛չ
թէ
չգիտնալնուն,
այլ՝
գիտնալու
վախնալնուն։
-Մինչեւ
որ
պատրաստուին
թուղթերը։
Ափը
հասաւ
կզակին։
Ու
անկէ
ծորած
խռովքը
բաւ
էր
այդ
տղան
մղելու
կախաղանէն
ալ
անդին։
Գգուանքը
թոյլ
կ’ընէ
մեզ,
մեր
ամէնէն
ամուր
կարծած
զգայարանքներուն
վրայով։
Սողոմենց
տղան
հոգեկան
դոնդող
էր
այդ
մատներուն
մէջ։
-Տէ
ելիր,
Մուսթաֆա,
ատեն
է…
Տեղէն
չշարժեցաւ
պահակը։
Անիկա
«կապուելիք
խենթ»
չէր,
մատ
երկարելու
համար
լապտերին,
իմաստուն,
լուրջ,
զգոյշ։
Աս
էր
պարտքը
բոլոր
իրենպէսներուն։
Անիկա
պարտաւոր
էր
սպասել
ու
գտնել
յարմարագոյն
րոպէն,
որ
սեռային
հանդիպումները
կ’աւարտէ
ու
քիչ
անգամ
կը
յայտնուի
բերանով։
Անիկա
ծեծ
կ’ուտէր
կիներէն
ամէն
անգամ,
որ
ըլլար
միամիտ,
իր
բառովը՝
յիմար,
մտիկ
ընելու
միայն
անոնց
ձայնին,
ժամադրավայր
խորանին
ներսէն,
երբ
կիսակորոյս,
կիրքին
թեւերէն
դեռ
լիովին
չազատուած,
բնազդական
վախով
մը
իրենք
իրենց
կը
հրամայէին
«տուն
արշաւել»,
անկարող
սակայն
քայլ
իսկ
փոխելու,
այնքան
ծեծուած,
ծծուած,
տրորուած
էին
անոնց
բումբերը,
երանքները,
անոնց
տակի
ոսկորները
ու
մէջքի
փապուղին,
ուր
յոգնութիւնը
կ’երկննայ
անվերջ
ճամբու
մը
նման։
Պահակը
պիտի
լսէր
դուրսէն,
«իր
դիրքէն»
անոնց
հրամանը,
պիտի
յայտնէր
իր
ներկայութիւնը։
-Այո՛,
այո՛,
հանըմ
էֆէնտի,
իսկոյն,
իսկոյն…,
-
բարբառելով
քաղցրութեամբ,
բայց
չշարժելով
իր
«դիրքէն»,
վասնզի
շատոնց
է,
որ
բանաձեւած
էր
իր
փորձառութիւնը
պատկերուն
առածով
մը.
-«Պալատին
աւազանը
ու
արուին
ծոցը
նման
են
իրարու…»։
Այսպէս
կը
խօսէր՝
բացատրելու
համար
խորունկ
իր
զարմանքը
զգացումի
մը,
զոր
չէր
հասկնար։
Իրողութիւն
էր,
որ
պալատին
տաք
աւազանին
ու
արուին
մէջ
կիները
իրենք
զիրենք
կը
նետէին
խենթի
պէս
ու,
ընկղմելէ
ետք՝
կ’ելլէին
անոնցմէ
միշտ
կէս
մը
հիւանդ։
Ու
ինչպէս
յախճապակի
պատերով
բաղնիքէն
ետքը,
ժամադրութեան
սենեակին
ալ,
դեռ
չհագուած
հանըմ
էֆէնտիները
պիտի
երկննային
տիւաններու,
տարփանքին
յետին
կաթիլն
ալ
սպառելու։
Անոնց
լեզո՜ւն,
որ
աշխարհի
ամէնէն
անուշ
բառերը
կը
ճարէր
արուին
հաշուոյն։
Անոնք,
գրեթէ
վռնտուած՝
պիտի
բաժնուէին
այդ
տաղաւարներէն,
երդումով
ճշդելէ
յետոյ
օրն
ու
ժամը
յաջորդ
«հարսնիքին»։
Աւագներու
տարփանքը
այնքան
եղկելի
նմանութիւններ
ունի
ոչաւագներու
շնութեան
հետ։
Առաջ,
այսինքն՝
մօտ
դար
մը
առաջ,
երբ
այրերը
առանց
արարողութեան
կը
սպաննէին
շնացող
կիները,
ներքինին,
իր
գլխուն
գնովը,
կը
ծառայէր
զօրաւոր
սեռին։
Կէս
դար
յետոյ,
անիկա
փոխած
է
դերը`
անցնելով
կիներու
մեղսակցութեան։
Եւրոպա
ըրած
փաշաները
բաւական
նուրբ
էին
իրենց
կիները
չզիջելով
գլխատելու։
Հապա
աղջիկնե՞րը։
Իշխանազուն
ու
տատրակ,
գեղեցկուհի
ու
եղնիկ,
կոկոնաւոր
այդ
հանըմիկները,
տասնհինգէն
քիչ
վար
կամ
վեր,
որոնք
շատ
մեծ
գայթակղութեան
եւ
արիւնի
գնով
միայն
կը
պահպանէին
իրենց
թանկ,
շատ
թանկ
կուսութիւնը,
անսահման
պալատներու,
նոյնքան
անծայր
մրգաստաններու
հարիւրաւոր
խորշերուն,
մենութիւններուն,
ներքինիներուն
ու
սպասուհիներու
գէջ
մտերմութեանց
մէջ
շուարած,
փնտռելու
վարժուելով
ինչ
որ
անզբաղ
ու
հեշտ
կեանքը
կը
հասունցնէ
այնքան
արագ
աղջիկներու
միսերուն
խորը։
Անոնք
մահուան
սարսափի
մը
տակ
կը
պահէին
իրենք
զիրենք,
քիչիկ,
շատ
քիչիկ
բաժին
հանելով
իրենց
շատ
մօտիկ
պէյիկներուն
–
հօրեղբօր
որդի,
մօրաքրոջ
որդի
–
գրկըւուք
ու
համբոյր,
արագ
ու
անիմաստ,
որոնք
այդ
տղաքը
կ’ընէին
խենթ,
երբեմն
ոճրագործ,
չարաչար
տուժել
տալով
ազգականութեան
փորձանքները։
Հո՞ս։
-Կեավուրի
լակոտի՞ն
համար։
Որ
բաղդատելի
չէր
կրնար
ըլլալ
գեղանի
պէյզատէներուն։
Դատումին
ճշդութի՜ւնը։
Բայց
աշխարհը
խելքով
չի
քալեր։
Ու
աղջիկները
պիտի
դադրէին
աղջիկ
ըլլալէ,
եթէ
հասնելէ
վերջ
մեծերու
պէս
զգալու
տարիքին,
մտածէին
ու
գործէին
մեծերու
նման։
Անիկա
վախն
ունէր
աւելիին։
Անոր
մռայլ
ուրախութի՜ւնը՝
երբ
լսեց
վերջապէս
սպասուած
հրամանը.
-Երթանք։
Եղնիկը,
բառին
հետ,
քաշեր
էր
ափը
տղուն
երեսէն։
Ու
անոր
մարմինը
արեւելուած
էր
դէպի
դուռը։
Սեւամորթը,
աճապարոտ,
վերցուց
լապտերը։
-Կ’երթա՞ս։
Սողոմն
էր,
բառին
հետ
բռնելով
անոր
քղանցքը։
Սա
սրբապղծութի՜ւնը,
որուն
համար
կեավուրին
լակոտը
պարտաւոր
էր
աջ
բազուկը
վրայ
տալ,
նոյնիսկ
քսաներորդ
դարու
սկիզբը,
եթէ
երբեք
Եղնիկները
չըլլային
խենթեցած։
Մտածեց
արագ
իր
հպարտութեան
մէջ
զայրոյթէն
եռացող,
բայց
ինքզինքը
ծածկելու
հարկադրուած
պահակը։
Անիկա
չկրցաւ
աչքերն
իսկ
խիստ,
ոլորագին
շրջել
տղուն,
որ
չէր
տեսներ
զինքը,
ամուր
փաթթուողի
մը
նման,
գրեթէ
առնելով
Եղնիկին
ոտքը
իր
թեւին
մէջ։
Աղերսարկո՞ւ։
Տարփավա՞ռ։
Խե՞նթ։
Ո՞վ
պիտի
զատէ
վախը
սէրէն։
Սէրը՝
մահէն։
Ատկէ
զատ,
ծաղիկին
հունտը,
հովին
թեւերով,
ճամբորդած
պահուն
չի
հարցներ
ո՛ւրը։
Կ’իյնայ
քարին
ու
փուշին,
երբեմն
ալ՝
իշխանուհիներու
սիրտին։
Ու
կ’անցնի
անիկա
ազգերու
ատելութեանց,
կրօնքներու
եւ
քաղաքակրթութեանց
ծովերէն։
-Չերթա՞մ։
Կը
հարցնէ՞ր,
թէ
կը
խնդար։
Չէր
կարելի
ճշդիւ
հասկնալ
ասիկա
այդ
դէմքէն,
ուր
կար
ժպիտի
մօտ
բան
մը,
բայց
չէր
ատիկա։
Յուզումի
մէջ
խոր
ենք
ու
լուրջ
ու
դժուար
կը
պահենք
մեր
անձնականութեան
կնիքը
մեր
երեսին։
Ժպիտը
խաղ
է,
վաղանցուկ,
առանց
յատակի,
ու
չէ
մեր
արտայայտութիւնը,
նման
պահերու,
ինչպէս
չէ
փրփուրը՝
ջուրին։
Գիծերու
գոլ
մը
անցաւ
անոր
այտերէն։
Տե՞ղը։
-Մեծ
ու
խոր
ձգողութի՛ւնը,
սեռին
դիւթք
ը
(գէշ
այս
բառը
ճշմարիտ
կ’ըսէ
հոս),
որ
ըրաւ
անոր
երեսները
անդիմադրելի։
Արտերը
իրենց
վայրկեանը
ունին
սերմը
ընդունելու։
Այսպէս
ալ
սիրտերը։
Այդպէս
ալ՝
դէմքերը,
իրենց
հրաւէրը
ընելու։
Կրկին
երկարեց
ափը,
բայց
այս
անգամ
բերանին։
Անիկա
ըրաւ
այդ
գրեթէ
անգիտակից
շարժումը,
գոլին
մէջը
միւս
պատկերին,
որուն
յատակը
կանանոցն
էր,
իր
վարպետովը։
Այդ
մատները
այդպէս
կը
ճմռէին
Հաւատիսին
շրթները։
Համբո՞յր։
Այդ
շրջանին
տղաքը
կիներու
ձեռքը
չէին
պագներ։
Բայց
գիտնալու
ենք,
որ
մեր
մարմինը
աչքերէն
դուրս
ուրիշ
շատ
ճամբաներ
ունի
ուրիշներու
մէջը
նայելու։
Յետո՞յ։
-Կիսաբզզիւն
այն
մշուշը,
որ
տաք
հոսանքով
մը
կ’անցնի
մեր
ճակտին
քովերէն,
սողոսկուն
ու
խոնաւ,
ու
կ’իջնէ
վար
դէպի
ուրիշ
մասերը
մեր
մարմինին։
Քոմանտան
փաշային
աղջիկը,
այդ
վիճակովը
նմանելի
էր
շատ
մը
բաներու,
բոլորն
ալ
բարակ,
բոլորն
ալ
կենալու
անզօր,
բայց
կ’առնեմ
մէկ
հատը։
Թափած
ունի՞ք
կաթիլ
մը
վարդի
եղ,
աղուոր
կուրծքի
մը
վրայ։
Ինչպէ՜ս
այդ
պուտ
մը
բանին
տակ
կ’աճի,
կը
մեծնա
յ
այդ
կուրծքը
ու
կ’ողողէ
մեզ։
…Անիկա
նման
էր
այդ
կաթիլին,
որ
կը
բխի
անտես
իր
ակերէն
ու
ամէն
կայլակի
վրայ
աղջիկ
մը
կը
փոխադրէ
դէպի
մեր
զգայարանքները։
Ու
այդ
մշուշը
նիւթական
առաջին
զգայութիւնն
էր
անոր,
որով
նորոգուեցաւ,
աճեցաւ
անոր
անձը,
իրմէն
դուրս։
Իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
մարմինէն
որոշ
մասեր
կը
փրթէին
`
երթալու
համար
տղուն
մարմինին։
Ու
ասիկա
վախցուց
զինքը։
Եկա՞ծ,
րոպէ՛ն,
ուրկէ
անդին
մենք
չենք
կրնար
պահել
մեր
անփութութիւնը,
քաջութիւնը՝
կարգ
մը
յուզումներու,
միսէ
շարժումներու
հետ։
…
Որքա՞ն
յետոյ,
հայհոյանքի
(լուռ)
ու
զարմանքի
փոփոխ
յուզումներէն
որքա՞ն
յետոյ
պահակ
Մուսթաֆան
վերցնէր
պիտի
լապտերը
կրկին։
Ժամանակի
զգայութիւնները
յստակ
են
ու
սեւեռելի
մեր
անզբաղ,
չլեցուած
պահերուն։
Սեւամորթը
խռոված
էր
հանըմին,
որքան
կեավուրին
հաշուոյն,
որ
շահուած
էր
արդար
կրօնքին։
Կա՞յ
բան
մը,
որմէ
տկարանայ
կինը։
Անիկա
կը
մտածէր
թուրքի
միջին
իմաստութեամբ։
Եղնի՞կը։
-Պահակին
առջեւ
չինկած՝
անիկա
գտեր
էր
հոգեկան
իր
նոր
բիւրեղացումը։
Ու
ասիկա
առանց
ձայնի,
համբոյրի,
արցունքի,
որոնց
սեռը
ինքզինքը
կը
հանէ
իր
փաթաթներէն։
Ո
մանք
իրենց
պատանութեան
այդ
զոհը
կ’ընեն,
երկարատեւ
ճենճերումով,
անցնելով
սեռային
բջիջներուն
բոլոր
ճամբաներէն։
Տեւողութիւնը
կը
հասունցնէ
զանոնք։
Ուրիշներ,
մէկ
օրէն
միւսը
կը
գտնեն
իրենց
հոգեկան
նորոգ
դրութիւնը,
հիւլէական
դասաւորումը,
որով
տհաս
կենդանիէն
կը
յառնէ
պողպատը
մեր
ոգեղէն
շէնքին։
Չէր
դարձած
ետին,
դուռէն
դուրս
սուզուելէ
առաջ,
հակառակ
անոր,
որ
մէջէն
ձայն
մը
անդադար
կը
թելադրէր
ատիկա,
–
դառնալ
ետ,
պլլուիլ
տղուն
ճիտին,
ու
անոր
խռովակոծ,
յուսաբեկ
տագնապին
մէջ
–
սեռայինը
հաւասար
կու
գար
ոճիրին
ճնշումին
–
նետել
անհերքելի
յոյսը,
իրականութիւնը
իր
մարմինին։
Բարիքը
խիստ
յաճախ
կը
մեկնի
սեռէն,
ըսած
է
մէկը։
Աւելի՞ն։
Խմել
անոր
բերանէն,
այնքան
անուշ
խօսող
բերանէն
ի՛նչ
որ
ժողովրդական
երգերու
տարազովը
վարշամակուած
կը
թափառէր
ահա,
տարիներէ
ի
վեր,
իր
ականջի
դուռներուն.
ա՞ն՝
որ
խոնաւ
էր
ու
ջերմ,
ինչպէս
շրթունք
մը
ու
ձայնին
վրայ
թառած
օդերէն
ճամբորդած
ատենը
վեր
կը
հանէր
սիրտը
լանջքին
բանդէն
ու
կ’ընէր
զինքը
խորապէս
տրտում
(հարցնելու
համար
վախնալով
ինչո՛ւն)
ու
մղելով
զինքը
առանձնացումի,
փակ
պատուհանի,
կղպուած
դուռի,
մահիճին
խորը,
կիսամերկ
ու
քնքուշ,
դէմը
հայելիին,
որ
կը
դարձնէր
ետին
իր
մատղաշ
մարմինը,
պակաս՝
անոր
տագնապը,
աւելի՝
մռայլ
հրապոյրը
անայց
իր
ձեւերուն…։
Պալատներուն
մէջ
կինը
այսպէս
կը
յօրինուի։
…
։
Դառնալ
ե՜տ։
Աւելի՞ն։
–
Խմել՝
այդ
տղուն
մէջէն
ինչ
որ
ակն
է
անծանօթին,
զոր
խոշոր
լեռներ,
տարիքէ,
դաստիարակութենէ,
ժառանգութենէ
ընկրկուն
կը
պահեն
ետեւը
իրենց
մշուշներուն։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
աղջիկները
վէպ
կը
կարդան,
կը
հասուննան
ներքինիներու
ծոցը
ու
սպասուհիներու
լանջքին
կը
սորվին
խածնել։
Աւելի՞ն։
–
Բան
կայ,
շատ
բան
տակաւին։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
երկու
հազար
առնութիւն
բռնի
վար
են
դրուած
խորը
բանտին
բջիջներուն։
Քարն
իսկ
կը
ճամբորդէ,
կ’ըսէ
ժողովուրդը։
Ծաղիկներն
ալ
չե՞ն
ճամբորդեր։
Ինչո՞ւ
չունենայ
այդ
կարողութիւնը
հոգին
սա
դատապարտեալներուն,
որոնք
երկու
առտու
անոր՝
Եղնիկին
մարմինը
երազեցին,
ոգեցին,
ծամեցին
ու
կերան,
ինչպէս
կը
պատմեն
հեքիաթն
ու
իրողութիւնը,
ինչպէս
պատմեր
էր
կախարդ
պահակը
իր
տարիքէն
ուրիշ
իշխանուհիի
մասին,
իրեն
պէս
առանց
քողի,
մերժելով
ներքինիներուն
ընկերակցութիւնը
ու
հեռանալով
ամայի
լռութիւններու
հսկայական
դարաստանին։
Այդ
աղջիկը
ափափուեր
էր
իրմով
խենթեցած
պատանիէ
մը,
որ
գլխուն
գնովը
պլլուեր
էր
անոր
մարմինին,
շրջեր
հասակը՝
խորը
թաւուտին,
խմելով
անոր
ստինքներէն
գերագոյն
սարսուռը
ու
դողահար
շրթներէն
ալ
մահուան
պա
տ
գամը։
Ծերուկ
պարտիզպանին
արիւնէն
այդ
տղան,
նոյն
այդ
թաւուտին
խորը,
ժամեր
տեւող
տանջանքէ
մը
վերջ,
յանձներ
էր
հոգին
անճառ
երանութեան
մը
մէջ,
անզգայ
ցաւին
ու
դանակին,
իր
սիրոյն
ուժգնութեամբը
գորովի
բերելով
բռնաբարուած
իշխանուհին,
երբ
տանջանքին
ընդմէջէն
ատեն
էր
գտեր
կազմելու
եւ
արտասանելու
ահաւոր
նախադասութի՜ւնը,
–
եօթը
հոգի
ալ
ունենար,
եօ՛թն
ալ
պիտի
տար
անիկա,
առանց
թարթելու,
անոր
զոյգ
մը
ծիծերուն։
Այսպէս
կը
խօսի
հեքիաթը։
Այսպէս
կը
խօսէին
Միջին
դարուն
բոլոր
այն
կապարճակիրները,
մանկլաւիկները,
շինական
անազատները,
երբ
խենթութեան
օր
մը,
իրենց
տիրուհիին
կամ
անոր
աղջկան
հասակը
կը
շրջէին
թաւուտին,
մահիճին,
նկուղին
խորը
ու,
երազը
շուրթներուն
մահուան
կը
վազէին,
իրենց
գլուխները
երկարելով
պահակին։
Բայց՝
Միջին
դարուն։
Արեւմուտքի
գրականութիւնները
շահագործած
են
այս
քերթուածները,
որոնք
այդ
հզօրագոյն
զգացումէն
իրենց
ծնունդը
կ’առնեն։
Այս
կարգի
դրուագներով
հարուստ
է
տակաւին
սեռին
հեքիաթը
Արեւելքի
մէջ,
ուր
աղջիկները
ներքինիներու
անվտանգ
նկատուած
առնութեան
ու
մարմինին
վրայ
կը
վարժուին
մութ
ու
հեռաւոր
հարուածին,
որով
կը
բացուի
դուռը
գերութեան
պարտէզին։
Այս
տեքորով
ու
զրոյցներով,
այս
զգացական
փորձառութիւններով
պատմուճանուած,
ոսկիին
ու
մետաքսին
բոլոր
գրգիռներովը,
ամէն
րոպէ
թրթռուն,
ու
գոհարակուռ
բանտի
մը
վանդակներուն
ետեւէն,
որ
անոնց
սենեակին
մեծ,
երկարուն
ու
չհատնող
պալատներուն
խորը,
անոնք
օրը
անգամ
մը
մտովի
կը
փետտեն
իրենց
ոսկի
շղթաները,
հեքիաթին
պատմածին
պէս,
իրենք
զիրենք
արձակելով
դէպի
ամայութիւնները
անծայրածիր
բուրաստանին,
կենալու
համար
առջեւը
թաւուտին,
ուրկէ
պիտի
բուսնի
պարտիզպանին
տղան,
կամ
հոս
գրուածին
նման,
բանտի
պարունակէն
դէպի
աւազանները
Ջերմուկներուն,
ուր
պիտի
իյնան,
աչքերնին
գոց։
Եղնիկին
վերջին
խօսքն
էր
եղած՝
-Չվախնալ։
Վերջընթերը՝
-Սպասել
առտուան։
Անկէ
առաջը՝
-Հաւատալ
իրեն։
Ու
մտեր
էր
անիկա
մութին
մէջ,
ետ
չդառնալով,
ակռաները
պինդ
սեղմած։
Անիկա
չէր
համբուրած։