Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Կառքը, գեղերու մէջ գործածուած տեսակէն, որուն անիւներուն վրայ դրուած մասը ձեւն ունէր շրջուած տակառի մը, կանգ առաւ փողոցի կէսին։

Բազմամբոխ շուկաներէն յետոյ, ուր մարդոց չափ, կոյրերուն չափ շուներուն ցեղախումբերը նեղութիւն կու տան սայլորդներուն, ու իրերանցիկ, ծուռումուռ իրենց ճամբաներովը, քայքայուն սալարկովը, ձմրան մուտքերուն ցեխի մեծատարած դարաններ կը փորեն քիչ փորձ կառապաններու, հանդարտ, գրեթէ՜ ամայի սա փողոցը հայոց եկեղեցիին։ Երկկողմանի, բայց թուղթի քաշուած գիծի մը վրայ ինչպէս, բնակարանները մէկ ոճով, բոլորն ալ նոր՝ գէթ իրենց արտաքին ծեփին պատկերովը։ Իւղաներկ, մեծ, անվանդակ պատուհաններ, համեստ, բայց կոկիկ։ Թուրքերու թաղերէն ետքը այս պայծառ ու պարզ մաքրութիւնը կը տպաւորէ ամէն օտարական ու նորեկ։ Մա՛նաւանդ սալարկին գրեթէ լուացուած երեսը, ուր թուղթի կտորը կամ լուցկիին փայտն իսկ հանդիպելի չէին։

Դո՜ւռը, հայոց եկեղեցիին։

Որուն դէմ զառիվեր մը, նոյն ոճով բնակարաններէ եզերուած։ Ուրկէ վեր զառիվեր մը եւս, մէկ գիծ, հսկայ իր սապատը փռելով, յանգելու համար շերամաբուծական վարժարանի սարահարթին։

-Մեր դպրո՛ցը։

Ըսողն էր, կառապանին քով նստող հաճի Զաքէոսը, որ գլուխը ներս, կառքը խորը դարձուց ու բարակ մնացած իր ձայնովը խզեց լռութիւնը, ինչպէս պիտի ըսէր 900ի վիպասան մը։ Հաճի Զաքէոսը ատենադպիրն էր Ս. գեղին թաղականութեան։ Ու կառքը գեղէն պատուիրակութիւն մը կը փոխադրէր հայոց առաջնորդարանը` կազմուած թաղականութեան ատենապետէն, տաներէց քահանայէն ու տաճկըցողին մօրմէն։

Քոմիթաներուն հետախաղաղ կորուստէն յետոյ, Սողոմին ճակատագիրը քալեր էր ձայնին գնովը։ Քոմանտան փաշային անձնական միջամտութիւնը կեցուցեր էր դատական գործողութիւնները։ Թղթածրարը պահ էր դրուեր ընդհանուր դատախազութեան մէկ դիւանին ու ջնջուելէ առաջ կը սպասէր վերջին սա արարողութեան լրացումին, որուն համեմատ տաճկըցողը պաշտօնապէս պիտի ուրանար իր ծնողքը, տան քահանան, անով ներկայացող կրօնքը ու ընդունուէր «արդար եւ իրաւ» կրօնքին մէջ։ Թանզիմաթէն յետոյ այս ձեւակերպական նրբութիւնները կը յարգուէին մա՛նաւանդ կուսակալանիստ քաղաքներու մէջ։ Ու հակառակ անոր, որ գրեթէ միշտ բռնութիւնն էր գործողը, այս կրօնափոխութիւնները յարդարողը, թուրքերը՝ օրէնքին տառը, վկայութիւնը, պաշտպանութիւնը ունեցան իրենց թղթածրարներուն մէջ ամէն տաճկըցողի համար, հաւաքական ջարդերու պահուն որդեգրուած եղանակէն դուրս։ Մազպաթա 1, իսթիտա 2, դատական օրինաւոր հետապնդում, Շէրիի աւանդական տրամադրութիւնները, կրօնական գործերու վարչութեան նիստերն ու որոշումները, պաշտօնական ամբողջ կազմակերպութիւն մը կ’աշխատէր ամէն անգամ, որ աս ու ան ձեւով քրիստոնեայ մը, հրեայ մը շփումի գային տաճկըցնող տարրին հետ, որ բռնաւոր մը, կին մը, բարեկամ մը, հաշիւ մը, վրէժխնդրութիւն մը, քէն մը կրնար ըլլալ պարագային հետ։ Շարժառիթին փոքրութի՛ւնը, բայց շարժումի ելած ուժերուն մեծութի՜ւնը։ Աւելցուցէք Ջարդերէն յետոյ մեր, ազգային իշխանութեանց նկուն, փցուն, վախի տակ գրեթէ անդամալոյծ գոյութի՜ւնը։ Քաղաքներու առաջնորդները, տաճկըցողը ազատելու ջանքը անգամ վնասակար նկատեցին, չգրգռելու համար թուրք ամբոխին եռանդը։ Ու յեղափոխական վտանգէն յետոյ, տաճկընալուն փորձանքը զանոնք տանջող մեծագոյն տագնապը եղաւ։ Պրուսայի առաջնորդը, այդ օրերուն, Կիրակի առտուները բարձր թուրքերէնով մը իր քարոզը կու տար, կէսօրէն յետոյ տիկիններ կ’ընդունէր, տարին երկու պատարագ կը մատուցանէր ու այդ առիթով « Որ օրհնես զայնոսիկ » ը զմայլելի անուշութեամբ մը սիրելի կ’ընէր քաղաքին ամենազգի, արեւելագէտ երաժշտասէրներուն, որոնք չէին փախցներ այդ պատարագավերջը։ Ուրի՞շ։ Տէր Մեսրոպը կը ղրկէր գիւղերը, առաջնորդարանի տուրքը հաւաքելու։ Գահակալութեան եւ Ծննդեան տարեդարձներուն, վեղարաւոր, իր ժողովուրդին հաւատարմութիւնը կը մատուցանէր «բանիւ եւ գրով» «յոտս կայսերական գահոյից» եւ ամէն Երեքշաբթի կուսակալութեան վարչական ժողովին կը տանէր իր նուրբ թուրքերէնը։ Աւելի՛ն. քաղաքին հայ հարուստները ուզած ատենը, անպաշտօն նիստի կը հրաւիրէր, վարելու համար ընթացիկ պարունակը։ Ատոնցմէ մէկը՝ տաճկընալու պարագան։

Սողոմին հարցին մէջ անիկա փոխանակ օգտագործելու իր մտերմութիւնը քոմանտան փաշային հետ, փորձեր էր պարկեշտ ու բացարձակ չէզոքութիւն. ունեցեր էր այդ առիթով խղճի ազատութեան մասին բնազդական խօսակցութիւն մըն ալ փաշայէն ղրկուած հարցաքննիչ դատաւորին հետ, ուր կը պաշտպանէր բոլոր կրօնքներու բարձրութիւնը ու գիտակցութեան հասած անհատի մը համար սահման չէր ընդուներ փափաքուած կրօնքին յարելու։ Այս իմաստասիրական ազատամտութիւնը արդար համբաւ մըն ալ բերաւ անոր ճշմարտապէս բարձր կալաթասերայեան դաստիարակութեան։ Ճշմարիտ մարդը ա՜ն էր, որ օգտակար կ’ըլլար իր նմաններուն։ Ծառայել իր վեհապետին։ Անշուշտ նրբութիւն մը կը զատէր սա մտածելու կերպը Չամիչեան սրբազանին հին իմաստասիրութենէն։ Բայց մեր պատմութիւնը թեթեւցնելու հարկին տակ կ’անցնիմ արագ։

Ս. գեղին պատուիրակութիւնը առաջնորդին «փութանակի» հրաւէրովը մէկ գիշերուան մէջ աւարտեր էր իր կազմը ու ինկած ճամբայ, առտուան դէմ հասնելու համար վերջնական փորձին։ Կառապանը ջարդած էր իր ձիերը, օրուան կէսին ըլլալու համար ժամուն դուռը ու հպարտ էր ազգասիրական պարտք մը կատարողի գոհունակութեամբը։

-Մեր դպրո՛ցը։

Երանելի՝ հաճի Զաքէո՜սը։ Անդամ պատուիրակութեան ու ատենադպիր «թաղական խորհրդոյ»։ Որ, մեծահարուստ ընտանիքի մը պատկանելուն ու իր մշակուած լեզուին ու բարձր ուսումին համար, հակառակ աղքատիկ երիտասարդ մը ըլլալուն, արժանացեր էր այդ գերագոյն պատիւին։ Հօրը ողջուցը՝ անիկա ապրեր էր «թագաւորի տղու նման», ինչպէս կը պատկերէ հեքիաթը այդ գեղեցիկ ու բացարձակ պատանութիւնները, որոնց մէջքին սուր ու ներքեւ երիվար, քսակին ոսկի ու գլխուն շուրջը խենթութիւններ կը դիզուին։ Անիկա, այդ ամենազօր պապային շուքովը շքաւոր էր տակաւին այսօր, երբ անոր փառքէն անուն մը միայն կը մնար փակած իր կարճ հասակին։ Բայց հարստութիւնը փոխ առնուած շուրջառ մը չէ միշտ։ Անիկա պատճառ է, որ քիչ­շատ խելք ունեցող տղաք օգտուին անոր ընձեռած բարիքներէն։ Այդ հանգամանքով հաճի Զաքէոսը ըրեր էր գեղին ուսումը, այսինքն՝ եօթն անգամ կարդացած Մատաթիա Գարագաշի եօթն անգամ անիծապարտ Դպրութիւն ը, որմէ կը դողայինք աւելի, քան այնքան իրաւ հոգէառէն։ Աւելի՝ Գործնական քերականութիւն ը, Խորէն Նար­Պէյի Կրթական ը։ Անիկա լուծած էր Եղիշէն եւ Յովհաննէս կաթողիկոսը ։ Միհրան Աբիկեանի « Կիւլտէսթէ »ին երկու հատորները, համառօտն ու ընդարձակը ջուրի պէս գոց սորված։ Պօզաճեանի Թուաբանութի՜ւն ը։ Ասիկա կը սորվէին մեր գեղին տղաքը, մինչեւ իմ ժամանակս։ Ու ասիկա քիչ բան էր անշուշտ։ Հարուստները իրենց տղաքը երկու տարի ալ Պարտիզակ կը ղրկէին, ուր ամէն մարդ գիտէր, թէ Գրիգոր Մխալեան անուն մե՜նծ վարժապետ մը կը սորվեցնէր ազգային պատմութիւն եւ Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը, անշուշտ զգոյշ մեթոտներով։ Այս ուսումներէն ետքը շրջանաւարտը գիտնական էր ու կը խառնուէր գեղին գործերուն։ Շերամաբուծական վարժարանի մը բացումը այդ երիտասարդները շահագրգռեց ուրիշ ալ առաւելութիւններով։ Երկու տարի, տարիին ամէնէն անուշիկ շրջանին (շերամներու բուծումին շրջանն է ատիկա, մեր լեզուով՝ գարունը) Պրուսա ապրիլ մը, այսինքն՝ ուտել, խմել, Ջերմուկները քէֆ ընել։ Հարուստներու համար վկայականը երկրորդական էր։ Հաճի Զաքէոսը ապրեցա՜ւ, ինչպէս կ’ըսեն դրամ ուտողները իրենց հօրը վաստկածին։ Առաւ վկայականը փորձ իր լեզուին ու քիչ­շատ լուսամիտ գաղափարներուն շնորհիւ, որոնք այդ ատեն գեղերուն մէջ հազուադէպ էին չափազանց։ Հօրը մահը, որ երկարատեւ ու մեծածախս հիւանդութիւն մը կը փակէր, կործանեց շուտով, անփորձ անոր ձեռքերուն յանձնուած տնտեսութիւնը։ Վտանգը, ինչպէս դիտուած է այնքան ուրիշ ընտանիքներու վրայ, եկաւ հօրեղբայրներէն, բոլորն ալ հարուստ ու վաշխառու աղաներ, որոնք տիրացան սահմանակից կալուածներուն, ոսկիին համար կէս ոսկի տոկոս գանձելով ու մոխիրի վրայ նստեցնելով իրենց «գիտնական», «ջանջան», «հաջան», «ինքնահաւան» էմմի օղլուն։ Պարտիզակն ու Գրիգոր Մխալեանի դասերը չէին կրցած փրկել վայելքի հունտը իր արիւնին մէջ «անդստին յորովայնէ մօր իւրոյ» հիւրընկալած ճպուռը։ Ու մնաց հացի կարօտ։ Գիտէ՞ք, թէ կէս երկվեցեակի հասած էին տղաքը։ Ու կնիկը, հարուստի աղջիկ, մէրանցը տունէն ամանով ապո՜ւր կը բերէր անոնց որկորին անյագուրդ ծակը փակելու։ Թշուառութիւնը սթափեցուց զինքը։ Աներոջը ձեռնտուութեամբը շահագործեց իր վկայականը, փաստէօռեան դրութեամբ հունտ (շերամի) պատրաստելով ու հանելով տարեկան իր ապրուստը։ Անկէ յետոյ տեսնելու էիք զինքը, պատնէշին վրայ, լեզուն փռապանի թիուն պէս ձգած դուրս, բոլոր անիրաւներուն, կեղեքիչներուն, վաշխառուներուն, հօրեղբայրներուն դէմ պաշտպանելով զրկուածը, որբը, այրը, պերճ ու արդար լեզուով մը ու, այս ճամբով, վաստկելով ընդարձակ ժողովրդականութիւն մը։ Իր բարիքներուն ի վարձատրութիւն անիկա անվճար գրագիրն էր գեղին բոլոր միջակ մարդոց` խմբագրելով մուրհակները, նամակները, բաժինքի թուղթերը, բարձր իր թուրքերէնովը եւ հայերէնովը, որ Պարտիզակ կը հոտէր հասարակութիւնը զինքը պատուեց իր քուէովը։ Անիկա անխուսափելի ատենադպիրն էր ջոջերէ կազմուած թաղականութեանց։ Որովհետեւ կը խօսէր մաքուր, կը խօսէր Պարտիզակ, Մխալեան, կը խօսէր մա՛նաւանդ Թորգոմեան (շերամաբուծական վարժարանի հայ տնօրէնը), անիկա յաջորդաբար պատուըւեցաւ այդ անուններով։ Առանց դժգոհութեան կ’ընդունէր այդ պիտակները, որոնք սակայն ջնջուեցան ուրիշէ մը, գորփիւսգիւլ 3 ։ Այս վերջինը յամառեցաւ մանրուկ անոր հասակին ու փոքր մարմինին հետ ունեցած հանգիտութեան պատճառով։ Անտանելի անոր շատախօսութիւնը կը տանէր գեղացին, թաղական կամ ոչ, դժուար պահերու անոր ցոյց տուած պերճախօսութեանը համար։ Ու կը պտըտէր անիկա գեղի գործերով գազաները, դրացի գեղերը` հարթելով վէճերը համոզկեր շեշտովը իր տրամադրութեան, ժողովրդական տրիբունի անվաճառելի ուղղադատութեամբը։ Գեղացիին պահանջովը անիկա ընկերացած էր սա պատուիրակութեան, որ Սողոմին տաճկընալուն խնդրովը կանչուած էր Պրուսա, ըստ աւանդութեան՝ վերջին փորձ մը ընելու, տղուն հոգին կորուստէ ազատելու համար։ Քահանայ մը, Սողոմին մայրը, աղա մը ու հաճի Զաքէոսը անդամներն էին ահա այդ պատուիրակութեան։

-Թորգոմեանի՛ն տունը։

-Չսկսինք նորէն։

Զինքը ընդմիջողն էր կառքին ներսէն հաստ ձայն մը։

Երկու շուն, բաւական ալ կոկիկ արտաքինով, քանի որ ստեւը փայլ ալ ունէր անոնց կռնակէն, աքասիայի մը բունին երկու քովերէն վերցուցին իրենց գլուխները, բացին կլափ, բայց ոչ թարթիչ, ու չկամ, կէս­բերան, արձակեցին դասական կաղկանձը, որ աւելի մռլտուք մըն էր, քան իսկական զայրոյթի արտայայտութիւն։ Անոնք չէին շարժած իրենց տեղէն։

Հայոց եկեղեցիի մեծ դուռէն չորս կանգուն վար այս երկու անասունները անշո՛ւշտ որ գրաւեցին ուշադրութիւնը ազգային շահերու մեծ պաշտպան հաճի Զաքէոսին, որ մտադրեց, այդ րոպէին իսկ, բողոքագիր մը խմբագրել, Գաւառական Երեսփոխանական ժողովին, «ի նկատառումն», սա անպատշաճ կացութիւնը դարմանելու համար օր առաջ։ Անիկա բացառիկ ատելութիւն ունէր այդ չորքոտանիէն, որ քաղաքին մէջ աւելի կ’արժէր, քան հայ մը։ Շունը Արեւելքի ոստաններուն մեծայա՛րգ անասունն է։ Դարերով կատարած է անոնց մէջ պաշտօն մը, զոր այսօր կ’ընեն թաղապետական աղբակառքերը։ Այդ օրերուն անշուշտ հաստատուած էին այդ կառքերը, բայց կը սպասարկէին մեծ պողոտաներու վրայ։ Խճող ու մութ թաղերու մէջ, շուներու կատարեալ իշխանութիւն մը մաքրութեան գործը առած էր իր ատամներուն ու կը վայելէր կատարեալ ազատութիւն։ Զանոնք անհանգիստ ընողները կ’արժանանային խիստ ծեծի, երբեմն ամիսներով բանտի։

Հայոց եկեղեցիի մուտքին, դռնապան Տիւման օղլու Գասպար աղային ահին, բռնութեան, համբաւին հակառակ, որոնք թուրք լակոտները բաւ էին հեռու պահելէ այդ շրջանակէն, այդ երկու շուները կը վայելէին բարձր պաշտպանութիւնը դպրոցին պատկից ապարանքի մը փաշաներու բնակարանը որքան ալ ծաւալով համեստ, այս պիտակով կ’որակուէր այդ շրջանին–, ուր, կաթուածահար փաշա մը, հայերը նախատելու այս ինքնատիպ եղանակն էր հաստատեր, փողոցի երկու շուն վարժեցնելով, աքասիայի շուքին ամանով հոտած կերակուր տրամադրելով այդ բախտաւոր անասուններուն, որոնք, ուռած փորով, առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը քնանային, կառքերու աղմուկն անգամ անարժան նկատելով իրենց բարձր ուշադրութեան։ Հայոց առաջնորդը, իր պատուական քարտուղարին խողովակովը, անպաշտօն բողոք էր ներկայացուցած ոստիկանութեան, այդ անտեղութեան մասին, ստացած՝ որոշումը անասուններու վտարման, բայց հարկադրուած՝ հանդուրժել անոնց ներկայութիւնը, աւելի բարձր հրամանի մը վրայ։ Կաթուածահար փաշան Պոլսոյ ոստիկանական նախարարութենէն այն ատեն տիրական իշխանութիւն որոշում էր բերած, շուներու հանգիստը անվրդով պահելու։ «Նորին վեհափառութեան» երկիրներուն մէջ ոչ մէկ անասուն անհանգիստ չէր կրնար ըլլալ երրորդի մը քմահաճոյքովը։ Արդարութիւնը այնքան յորդ էր, որ շուներն անգամ կ’առնէր իր ակօսին մէջ։

Հակառակ կառքին դադարին, եկեղեցիին դուռը մնաց անայլայլ։ Քաղաքին մեծ յիշատակարաններէն մէկը կարելի էր նկատել այդ դուռը, որուն հսկայական, եօթը կանգուն հասակով փեղկերը հնօրեայ պատկառանք մը տակաւին կը յամառէին արձանացնել փողոցներուն վերեւ, երբ այդ ամէնը ոտքի հանող ժողովուրդը, Ջարդերէն յետոյ, ստիպուեր էր նահանջել ամէն գետնի վրայ, ամփոփուիլ իր պատեանին մէջ։

Լուր օրերուն դուռը կը մնար փակ, ելեւմուտք կը կատարուէր մէկ փեղկին փորուած փոքր անցքէ մը. իբր կառոյց, անիկա, երկաթեղէն իր ամրութեամբը կարելի էր նկատել խորհրդանիշ մը մեր հասարակութեան երբեմնի ուժին, երբ Թանզիմաթէն ետքը, քիչ­շատ տանելի օրէնքներ ասպարէզ էին բացած մեր ժողովուրդի ձեռներէց ոգիին, ու պատրաստեր՝ առեւտրականներու, կալուածատէրերու, աւագ պաշտօնակալներու պերճ փաղանգ մը, ա՛ն՝ որ Պոլսոյ մէջ մեր տնտեսական եւ իմացական զարթօնքը ըրաւ ու գաւառներու մէջ, աւելի համեստ պայմանով, մեր կրթական ու կրօնական հաստատութիւնները կազմակերպեց ու մեր բնակարաններն ու զգեստները բարեկարգեց թուրքերէն այնքան ալ առաջ։ Պրուսայի մէջ, ուր Թուրքիոյ միակ ճարտարարուեստը (մետաքսի գործը) բարգաւաճ պայմաններով կը զարգանար հայերու ափին, մեծահարուստ աղաներուն ու էֆէնտիներուն, ինչպէս նաեւ նոյնքան ու աւելի մեծազօր եպիսկոպոսներուն պարգեւն էին եկեղեցին, կից դպրոցը, ասոնք շրջանակող մեծ պարիսպը ու սա գեղեցիկ դուռը, քսաներորդ դարու սկիզբին։ Ու հակառակ կոտորածին, ասոր արդիւնք՝ մեր ընկրկումին, մեծերու անհետացումին, դեռ երկաթն ու քարը կը յամառէին պատմել բարիքներէն այն մարդոց, որոնք հեռագիրով մը, առանց իրենց վաճառատունէն Պոլիս իջնալ իսկ ստիպուելու, կուսակալներ կ’ընէին պաշտօնանկ։ Այսպէս, սա երկաթ դուռը յաղթանակի տուրք մըն էր (կուսակալ մը վտարած էր) ժամուն, երկաթի հանրահռչակ վաճառականէ մը, որ, ազգին դարաւոր մէկ կալուածը էֆգաֆին ճիրաններէն ազատելու համար, դատի տակ էր ձգած օրուան կառավարութիւնը, տակառով ոսկի վատնած ու հասած էր իր նպատակին։ Այս գիծի աղաներ ատեն մը ունէին գոյութիւն ամէն քաղաքի մէջ։

Շուներուն կաղկանձէն բաւական մը ետք, գլուխ մը երեւցաւ երկաթ փորուածքի ճեղքէն։

Կառքը, այսինքն՝ անոր ձեւը (ամէն գիւղ իր ոճն ունէր այդ կառքերուն շինութեան մէջ), կառապանը, այսինքն՝ անոր տարազը (ամէն գիւղ իր ոճը ունէր իր զգեստներուն նիւթին ու կարուածքին համար), պատճառնե՞ր էին, որպէսզի այդ գլուխը անցնէր փոքր բացուածքը եւ առաջանար դէպի մայթը։

Հսկայ հասակով մարդ մըն էր ասիկա, հայոց եկեղեցիին պատուակալ դռնապանը (իր օգնականը պիտի բանար դուռը), ձեռքին պաշտօնական ճոկանը, գլուխը արծաթ ու ծայրը երկաթ։ Տարազով գեղացի, այսինքն՝ սանկ քիչիկ մը երկայն շալվար, խաս չուխայէ։ Անհուն անոր գօտին, որով կը զատուէին Ս. գիւղին տղաքը շրջանին միւս գիւղերուն աւելի զապուն մէջքերէն։ Որ երբեմն, տօնական առիթով, կը փոխուէր գունագեղ ու նկարահիւս մետաքսի շալին, պարսկական թէ հնդկական, ա՛լ ատիկա ձգուած էր կրողին գութին, եւ կը զարդարէր անոր պերճ մէջքը արեւելեան շքեղութեամբ։ Այդ օրերուն անիկա անմատչելի էր՝ փոքր իշխանի մը նման, ինքնատիպ, սրտոտ, ազգասէր, կրակէն ու սուրէն աչք չթարթող, այդ մարդը վախցուցեր էր քաղաքին աժան բռնաւորները, որոնք հայոց թաղերուն մէջ խօսք կը նետէին, յարձակում կը գործէին, բայց դանակի առջեւ մուկի պէս ծակէ ծակ կը մտնէին։ Ու իր քաջագործութիւնները տարածուած էին բաւական, որպէսզի այդ բռնակալ էֆէները անոր տարազն իսկ հեռուէն զատէին ու քաշուէին փողոցներէն։ Անիկա մերժած էր քաղքենի տաբատը, պաշտօնական կոճակներով համազգեստը, որով բարապանները, ժամկոչները պետական հով մը կը ստանային։ Առաջնորդներն ու աղաները իմաստուն էին գտած անոր փաստերը ու ձգած զայն իր համբաւին պատմուճանով։ Երեսունէ աւելի տարիներ անիկա կը պահէր իր պաշտօնը։

Ճանչցաւ ապահովաբար կառքին պարունակութիւնը Սողոմին խնդիրը իր ամէնէն հրատապ փուլին մէջն էր մտեր ան շաբթու եւ պատուիրակութեան ժամանումը օրուան հարց–, իջաւ մայթէն դէպի փողոց ու կէս մը թոռմած, լերկ այտերը խոշոր իր մատներով խարտելով, թթու, անտրամադիր, հարցուց.

-Ո՞վ էք։

Ու առանց սպասելու.

-Ո՞վ կ’ուզէք։

Բարկացող, խիստ այդ շեշտը, քաջածանօթ՝ գեղացիներուն, որոնք հեքիաթի մը պէս կը պատմէին անոր փառքը, օրը՝ ու այդ անցեալը տրտմութեամբ կը մօտեցնէին սա ծերութեան ամօթին։ Որքան բան փոխուած էր աշխարհէն, սա քառորդ դարու ընթացքին։ Ու Տիւմանենց սրտոտ, հերոս Գասպարէն ի՜նչ էր մնացած սա ժամու դրան։ Անոր ճոկա՜նը, որ բեռ էր ա՛լ, քանի որ փոկով անցած էր դաստակին։ Ու անոր ակռաները, որոնք թափած էին (դուք պիտի հասկնաք փոխաբերեալ իմաստով), բայց դեռ կը յամառէին երես չտալ աղքատներուն, գինովներուն, գեղացիներուն։ Անշուշտ, երկրացիներուն զլացուած սա երեսը անիկա դնելու էր քաղքի աղաներու ոտքին, ինչպէս կը տրամաբանէր նախնական խելքը գեղին, որ չէր հանդուրժեր ու հասկնար սա մարդատեցութիւնը համբաւով, հուժկու, բարի երիտասարդէն, երբ անիկա քաղաք չէր իջած տակաւին։

-Առաջնո՛րդը։

Կառապանին մօտ նստած հաճի Զաքէոսէն սա պատասխանը կ’երեւի հաճոյ չթուեցաւ դռնապանին, որ, ճոկանը բախելով մեծկակ սալին, աւելցուց, բիրտ ու անարգող.

-Պապայիդ տղա՞ն է առաջնորդը։

Ու չափեց կարճուկ անոր իրանը պռկունքով ու յօնքով։

Յետոյ՝

-Ըսէ՝ առաջնորդ հայր սուրբը։

Ասիկա ո՛չ անշուշտ առաջնորդին անձէն յարգանքի դէպքի մը համար։ Այլ՝ հպատակելով իր իսկ խառնուածքին, որ կռուի պահանջ մըն էր, տարիներով չմարած, ու դեռ բաւական հզօր, ու կայտա՛ռ՝ ծերութեան մէջ ալ։

Հաստատ, բիրտ, դաժան դիմագիծով։

Տրիբունը լռեց։ Երբեք վախէն շիջումով մը անիկա գրողէն չէր վախնար–, այլ գետին իջնելէ վերջ, տեղնուտեղը ջախջախելու համար անոպայ դռնապանը, որ այնքան լպիրշ յանդգնութեամբ կ’ընդունէր ժողովուրդին ներկայացուցիչները։ Ի զուր չէ, որ անիկա կարդացած է Ֆրանսական Յեղափոխութեան պատմութիւնը, ձեռագիր տետրակէ մը, որ գործն ըլլալու էր մեծ վարժապետին։

Նոյն ատեն, կառքին քովնտի դռնակէն ոտք մը իջաւ դէպի երկաթ ասպանդակը։ Շալվարը անկարող էր պարտկելու անոր անհեթեթ հաստութիւնը։ Կառքը թեթեւ մը հակեցաւ ոտքին կողմը։ Յետոյ՝ օդին մէջ շրջան ըրաւ երկրորդ ոտքը` երեւան բերելով ահագին յետոյք մը, զոր շալվարը կ’ընդարձակէր դռնակէն յորդող, պոռթկացող առատութեամբ մը։ Աւելի յետոյ, կռնակ մը, որ պարտաւորուեցաւ կողի վերածուիլ` ազատելու համար ինքզինքը նեղ, քառակուսի դռնակ-բանտէն։ Կառքին խուլ հեծկլտուքին կ’ընկերանային ուրիշ այլ հեծքեր, պակսող շունչի կտորներ, շռնդիւնն ալ, խեղդուկն ալ։ Այս կարգի գէրերուն համար այս փակ կառքերը իսկական տանջանք մը կը կազմէին։ Հայհոյութիւն, ձիերու խրտչումը, շուներուն վերազարթումը, կառապանին օգնութեան փութալը ստեղծեցին փոքր իրարանցումը, որուն խոժոռ ու լուռ հանդիսատես Տիւման օղլու Գասպարը կը հետեւէր պաղած աչքերով։

Իջաւ մէկը։

Ու այդ մէկը Ս. գիւղին թաղականութեան ատենապետ, հարիւրնոց Գրիգոր աղա Պալճեանը, որ ձմեռը, որսի եղանակին ուրիշներէ զարնուած խոզերը մէկ կտոր փուռը կու տար ու անոնց եղը կը խմէր անարատ գինիով, իր հարիւրին վրայ տասնհինգէն-քսան մը նոր օխա բարդելով։ Այն ատեն անոր երրորդ կզակին վրայ կ՚ուրուանար աղեղը չորրորդի մըն ալ։

Մարդկեղէն սա տակաւին տպաւորիչ բարեւը, անկէ վերջ անաղմուկ, հովի պէս իջնող քահանան, յստակ՝ բայց խեղճուկ իր ողջոյնովը, ամէնէն վերջ Սողոմենց կնիկին մաշած դէմքը, զգեստին ու արտայայտութեան խոր թշուառութեամբը անկարող եղան դռնապանին երեսէն փարատելու վսեմ անոր դժգոհութիւնը, որ ապահովաբար զգուշութեան հրաւիրեց յարձակման պատրաստուող հաճի տրիբունը։ Անիկա չէր ախորժեր այդ թիփերէն, վասնզի ճաշակած էր փայտի զգաստացուցիչ զօրութիւնը։ Գեղը, սանկ ու նանկ, կռիւը կրնար ընդհանրանալ, ազգականներու միջամխումով։ Հո՞ս։ Ու խոհեմութիւնը ունեցաւ չգրգռելու «վայրենին», որ հաստ իր մատներովը կը շարունակէր շոյել իր միսերուն թոռմած շերտերը ու չխօսիլ։

Գասպար աղա Տիւմանեանը, անշուշտ աղա ըլլալէն շատ առաջ, Տիւմանենց գուլէ 4 Գասպարն էր, որ կ’ատէր իր գեղը, անկէ իր մէջ մթերուած՝ հեռու, բաց ձգուած յիշատակներուն ամօթովը։ Ծուռ չէ ըսել, թէ մարդու կեանքը ողբերգութիւն մըն է, մեծ կամ պզտիկ վարագոյրներով։ Նոյնքան մը բան, կեանքը գուլէ Գասպարին, որուն կինը խղդուած գտան, երեսուն տարի առաջ, էրկանը բացակայութեանը, ծխախոտի մաքսանենգութեամբ վեց օրով հեռու տեղ մը։ Որ թաղուեցաւ էրկանը ժամանումէն առաջ, կեսուրին պնդումովը ու ոչ ոք գիտցաւ ինչո՞ւն։ Կախո՞ղը։ Փսփսուք ու բամբասանք։ Մաքսանենգներուն կիները ենթակայ էին այս աղէտներուն…։ Հիմա վաթսունէն վեր, աշխարհին «մեծ չուանները կտրտելէն ետքը», դռնապանի մը ճոկանը հեգնութեան մը պէս սալին զարնող Գասպարը անփոփոխ իմաստուն մըն էր, դառն վաստակուած իմաստութեամբ մը։ Քաղաքը զինքը յարդարած էր անշուշտ, բայց անխախտ պահած հիմնագիծերը անոր նկարագրին։ Ու տարիներու տափանը անոր բրտութիւններուն վրայէն շատ փուշ էր վերցուցած։ «Երկրացին» (որ վերյիշում մըն էր միշտ) իր խայտաբղէտ ու անտանելի տարազովը չէր մեղադրեր իր շալվարը, թերեւս չուխային ազնուական տեսակին համար–, «դդում» գլուխովը անուշիկ վերադիր, ամէնէն անմեղը՝ քաղքըցիներուն կապարճէն դէպի գեղացիները–, մա՛նաւանդ փայտ կոտրող, անտաշ իր լեզուովը, նիւթ կը հայթայթէր, Գասպար աղայի «կռնակէն», «ներսէն» հեգնութեան։ Ժամկոչութիւնը ասպարէզ մըն էր՝ որքան քահանայութիւնը։ Ու ժամը՝ մթնոլորտ մը, արհեստանոց մը։ Որոնք իրենց օրէնքները ու մասնայատուկ բարքերը ունին։ Անգործ մարդոց զբաղումն է ուրիշները քաշքշելը։ Ու Պրուսայի ժամուն քահանաները (բոլորն ալ հանած-վարած, կատարելագործեալ շուկացիներ, փիլոն կրելէ առաջ ոսկերիչ, մուշտակագործ, խանութպան, երաժիշտ, որոնք շապիկ հագնելու համար Կիրակի չէին փախցներ, այս ճամբով հասնելու համար տէրտէրութեան ապահով նաւահանգիստը) եւ ոսկեգոյն ու աստեղանիշ կոճակով ժամկոչները, ծագումով գեղացի, բայց տաշուած բաւական, քաղքենի դարձած, երեսին տալու չափ ահազդու Գասպար աղային ապանոզ (եբենոս) գեղացիութիւնը ու, մա՛նաւանդ՝ բանկալին մեծփոր, մեծիմաստ, մեծաձեռն աղաները, բոլորն ալ կը սիրէին քաշքշել գեղացի արարածին կոշտութիւնը, անոնց անտաշ ձեւերը բառ ու շարժումով կապկելու աստիճան, գրգռելու համար արջութիւնը բարբարոս դռնապանին, որ մռլտալէն, լեզուին տալէն, «ձեռքէն փորձանք» մը խնայելու համար խոյս կու տար դագաղներուն նկուղը ու վրայէ վրայ կը գլորէր եօթը սիկար, բաւարար միջոց՝ զայրոյթին թաթառը փարատելու։ Անիկա ոտքն էր կոտրած ժամկոչի մը։ Ուրիշի մը թեւը խախտած։

Տիւմանենց Գասպարին դժգոհութիւնը արձագանգեց նաեւ երեւելի ատենապետին, որուն դէմ իր գեղին ժամկոչը ջուխտ, «չափրաստ» բարեւի կը կենար, ոտքին ձայնը հարիւր քայլ հեռուէն ճանչնալով։ Նիղսիրտ, արհամարհոտ, գլուխ ճօճելէն անցաւ դէպի դուռը, մինչ շուները, ահաբեկ անոր անհեթեթ զանգուածէն՝ ուժով-ուժով հաջել առեր էին։

-Ո՞ւր, - մէջ ինկաւ դռնապանը` ճոկանը ամուր զարնելով սալի մը։

Կ’ընէր այսպէս շուներ լռեցնելու, ինչպէս նաեւ ձեռքը, այսինքն՝ դիզուած բարկութիւնը պարպելու։

-Քու պարտականութիւնդ դուռը բանալն է միայն, ոչ թէ այսպէս, բրտօրէն, անոպայ ձեւերով մեծապատիւ հիւրեր հարցաքննել։ «Կօշկակարն ցկօշիկսն եւ նմին նմանութեամբ՝ դռնապանն ցդուռն»։

Հ. Ա. Կ. Բագրատունիի « Զարգացելոց »ը իր նիւթական նեղութեան հակառակ չծախած մարդու մը բերնէն սա գրաբար ասութիւնը պէտք չէ զարմացնէ ձեզ։ Կարճ իր հասակը վեր-վեր ընելով՝ անիկա բերնին չափը ձեռնարկեր էր տալու սա «եպերելի» արարածին, որուն դէմ իր սէրը սկիզբ կ’առնէր շերամաբուծական վարժարանի ուսանողութեան շրջանին, երբ «քէօռ-գինով» ձողէ կախ լապտերին նման աջ ու ձախ բարտելէն, խաղ կանչելէն կ’իջնէր զառիվարը, ժամուն պարիսպն անգամ չյարգելով, չյարգելով մա՛նաւանդ մեծահամբաւ դռնապանը, որ քառորդ դար առաջ գործի էր անցեր գինովները զգաստացնող իր ծեծին շնորհիւ։ Հայոց եկեղեցիին հին առաջնորդները իրաւասու էին իրենց հասարակութեան անուղղայ, գայթակղեցուցիչ գինովները զսպելու, բանտարկելով զանոնք դագաղտունին տակի զնտանը` ծեծելով «զորս դու պատուիրեցեր», ու այդ պաշտօնին համար կը փնտռէին հուժկու, լերան կտոր, փորձ «անցեալով» երիտասարդներ, որոնք, առաջնորդարանին պղնձակոթ ու երկաթասայլ ճոկանը հեղինակօրէն տուած իրենց անութին, հին օրերու ենիչէրիներու նման, կը մտնէին գինետունները, ցուցամատի կոր շարժումով մը, հեռուէն կը հանէին դուրս ինքնակորոյս խմանը, կը նետէին քար կամ աղբ կրող կառք մը ու շիտակ կ’իջեցնէին ժամուն քարայրը, ջրհանին ներքեւ, ուր երեք օրուան պարզ ջուրէն ետքը ծակամուտը կը ճաշակէր փառաւոր ճոկանէն բաւարար թիւով, յիսունէն չիյնալու պայմանով։ Անշուշտ այդ «օրերը իրկուն էին եղած», ինչպէս անցեր էր փառքը մեծազօր աղաներուն, որոնք հեռագիրին գլուխը կ’անցընէին ու լեզու ունէին խօսելու կայսեր հետ։ Քսաներորդ դարու սկիզբին բարքերը փոխուած էին մեծ չափով։ Գինովները ոստիկանական հետապնդումով կը հալածուէին եւ, ջրհաններու սենեակին տակ զնտանը խցուած՝ անպէտ, կոտրտուած առարկաներով։ Ու առաջնորդ սրբազանները հիմա, Վանքին սրահներուն մէջ, ժպտադէմ, քիչիկ մըն ալ հոտոտ, դուք աւելցուցէք՝ բրնձափոշուած, աւելի կարեւոր գործեր ունէին, քան հանդիսատես ըլլալ գինովներու ծեծին։ Հիմա անոնք բարձր դիւանագիտութիւն կը վարէին (ինչպէս կը պարծենար Չամիչեան սրբազանը, ճնշելով առեւտրականները, որոնք իր կամայականութիւնները չէին հանդուրժեր ու կասկածելի ներկայացնելով անոնց յարաբերութիւնները օտար մարմիններու հետ) կամ Արշարունի հայր սուրբին պէս, Լա Ֆոնթէն կը կարդային ազնուամեծար, համեստափայլ տիկիններու, վսեմաշուք փաստաբանները, Գաւառականի ճկունցած աղաները ձգելով, որ վարեն ազգին յարաբերական խնդիրները, կամ՝ շրջող տէրվիշներուն երաժշտութիւնը կը փառաբանէր արեւելագէտներու «ի վայելումն»։ Գինովներու պատուհասո՞ւմը։ Օ՜, ոչ։ Ամենեւի՛ն։

Զայրացած դռնապանին ընդդիմութիւնը դուրս հանեց փոքր բացուածքէն գլուխ մը, սեւ իրանի մը վերեւ, տպաւորիչ իր ճեփ-ճերմակ կէսովը։ Մազ ու մօրուք խոր հակապատկեր կը կազմէին դէմքին խիստ, խորշոմահար թխութեանը մէջ։

Քահանան, որուն կը պատկանէր այդ գլուխը, դուրսն էր արդէն։ Տարիքին հակառակ անոր շարժումները ունէին արագութիւն, շնորհ, կենդանութիւն։ Ու նշանաւոր էր անիկա, խորշոմած իր դէմքին հանած իմաստութեամբը։ Թեւերը ողջունած, տարածած.

-Օ՜, բարի առաքեցաք, Գրիգոր աղա, բարի առաքեցաք։

Ու տուաւ ձեռքը ատենապետին։ Անոր աչքերը կը կայծկլտային դիւանագէտ ու խուզարկու։

Զգա՞ց իր սխալը, որպէսզի քաշէր այդ ձեռքը` երկարելու համար գեղջուկ տէրտէրին։

-Օրհնեա ի տէր, սիրելի տէր-եղբայր…

Գեղացի լոլոզելու քաջավարժ անոր լեզուն տէր Մեսրոպ արարողապետ քահանան, Ուզուն չարչըի պատմական մեծ շուկային մէջ մեծահռչակ մուշտակագործ մըն էր ու թեմին բոլոր հայ գեղերը յականէ յանուանէ կը ճանչնար, «Ս. եկեղեցւոյ պաշտօնեայ» ընծայուելէ առաջ բնածին տաղանդը ունէր բառերը մեղր ու շաքար ընելու։ Անոր այդ լեզուն առաջնորդած էր զինքը այժմու նախանձելի դիրքին, որ զինքը կ’ընծայէր ամէնէն կարեւոր անդամը «քահանայից դասուն»։ Դուք բաւական կը հասկնաք այս տարազին տարողութիւնը, հոյակապ շուկացիներու փաղանգ, որ իր առաքինութիւնները փոխադրած էր ժամ եւ անդադար կը դաւէր ինքը իրեն։

Տէր Մեսրոպը, «տէր-եղբայրին» ուղղուած ողջոյնին հետ, բերնին ո՛ր մասովը, ատեն էր ծագած նաեւ ողջունելու հաճի Զաքէոսը, զոր կը ճանչնար հօրը տունէն ո՛րը չէր ճանչնար արդէն–, առաջնորդարան այցելութեանց պահուն, իջեւանած ըլլալով զօրաւոր աղային տունը մեծ անձրեւի մը հետեւանքով առժամաբար անբնակելի էր գեղին առաջնորդարանը ու օրհնած էր անոր դանդաղ, չաճող հասակը, յիշելով Աւետարանին դրուագը, ու փառաբանելով եռանդը, Յիսուսը տեսնել փութացող պատմական թզուկը։ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոսը մեր բարիքները մեզմէ աւելի իմաստութեամբ գիտէր տնօրինել։ Ու կու տար իւրաքանչիւրին «ըստ պիտոյից իւրոց»։ Անոր խօսակցութիւնը ընդհանրապէս թուրքերէն, այս կարգի գրաբար ասութիւններով կ’ուռճանար, արդիւնք իր զօրաւոր յիշողութեան, դէմքի ու ձայնի։ «Խելքն էր կարեւորը, այն ատեն ալ՝ ինչպէս հիմա»։ Այսպէս էր մխիթարած, հին օրերուն, տէր Մեսրոպ քահանան Յովհաննէս աղային երանելի խաթունը, որ տրտում էր իր տղուն կարճ հասակովը ու չէր խաբուած, քանի որ հասակին տեղ խելքն էր, որ կը գործէր ահա ատենադպիր էֆէնտիին մէջ։

-Եղիազար, դո՛ւռը։

Գիւղական պատուիրակութիւն մը արժանի էր այդ մեծարանքին։ Իր հրամանին հետ՝ անիկա ձեռքը երկարած էր պարեգօտին լայն գրպանը, հանելու համար անխուսափելի տուփը քթախոտին, զգուշանալով նայելէ Գասպար աղային, որ ազատ էր ուզածին չափ զայրանալու, հերիք է, որ արարողապետին ներկայութեան փայտ չկոտրէր։

Քթախոտը՝ ինչպէս «երեսպաշտութիւնը» տէր Մեսրոպին ճշմարիտ մոլութիւնները կը կազմէին։ Այդ պաշտամունքը սրճագոյն փոշիին անիկա ունէր իր՝ որքան ուրիշներու հաշուոյն։ Օրը առնուազն անգամ մը կը պարպէր անիկա սատափդրուագ տփիկին պարունակութիւնը, միշտ հրամցնելով։ Իր խուց ին 5 մէջ, մասնաւոր դարան մը յատկացուած էր խոտին օծումին, բոյսերու որակումին, չորացումին, փոշիացումին, մաղումին։ Քունէ քիչ մարդ, մինչեւ խոր գիշեր՝ անիկա անձանձիր կ’աշխատէր անոր պատրաստութեան։ Հաճո՞յքը։ Անշո՛ւշտ։ «Զռացնել անվարժները»՝ ինչպէս կը չարափոխէին տէր-եղբայրները, չարախինդ հեգնութեամբ, երբ անիկա սաստ կ’ընդունէր առաջնորդներէն, բայց չէր խրատուեր։ Բացի պատարագէն, միւս բոլոր արարողութիւնները կարող չէին սանձելու անոր ախորժակը սրճագոյն փոշիէն։ Կամացուկ պիտի սպրդէր պահարանէն ու մէկ-երկու պտղունց պիտի նետէր ռունգերուն, որոնք անզգայ դարձեր էին կէս դարու մօտ վարժութեամբ մը։ Անիկա չափազանց դիւրազգած էր ամէն մերժումի հանդէպ։ Ու իրեն հետ հեղ մը խօսք փոխանակած ամէն մարդ, վարժ թէ անվարժ, պիտի ընդունէր փաղաքուշ հրաւէրը՝ իր քիթը փետտելը աչքին առնելով։

«Հաղորդուեցան» բոլորն ալ, նոյնիսկ կառապանը։ Դռնապանին տուփը երկարած պահուն, թեթեւ ու սրամիտ, ուղղեց քանի մը հարցում, որոնք մնացին անպատասխան։ «Երկրացիները», անշուշտ, «բարի եկած էին»։ Քահանային բարբառով, այս նախադասութիւնը հոմանիշ էր առնուազն կալոն մը ձէթի, սակառ մը չորեղէնի կամ հինգ օխանոց թիթեղտուփ, ըստ թերթիպի (տաճկըցած սա գրաբա՜րը), պատրաստուած ձիթապտուղի։

Դուռը դանդաղ, բայց անճռինչ կը դառնար ծխնիներուն վրայ։ Եղիազարէն հետք չկար։

-Մա՞յրն է, - հարցուց տէր Մեսրոպը, քիթովը չափելով մաշած կնիկութենէ ա՛լ դուրս Սողոմենց կինը, որ քաջաբար մերժեր էր «տէրտէրին տուփը»։

-Այո՛, - հազիւ ատեն գտան գեղացիները, որոնց քիթը ելած էր «մեծաղաղակ» գործունէութեան եւ կը վազէր աղբիւրի պէս։

-Կը սպասէինք արդէն։

-Յոյս կա՞յ, - բղաւեց հաճի Զաքէոսը, գլուխը ծռած դէպի վեր, մինչ թաշկինակը կը զսպէր թուքը իր բերանէն։

-Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս միայն գիտէ։

Որ համազօր էր, քարտուղարին թափանցումով, անվերադարձ կորուստին։

Հակառակ այս վճիռին, խումբը մտաւ կիսովի զուարթ, հսկայ այդ դուռէն։ Պալճեան Գրիգոր աղան փրկած էր գեղին պատիւը, Պրուսայու ժամուն երկաթ դուռը բացուելու հարկադրելով։ Փողոցին մէջ դադրած էին շուները։ Կառապանը կառքը հեռացուցած էր ներսի թաղերէն մէկը։ Տիւմանենց Գասպարը, այտին շերտերը շոյելէն, կը նայէր զառիթափն ի վեր, ու ծառերու համաչափ հասակները հետզհետէ կը պզտիկնային։ Ու դէմէն, աղջկանց վարժարանի դուռին, տնտեսուհիին աւելը, հակառակ իր ազդարարութեան կը շարունակէր փոշի հանել` պղտորելով վճիտ ամայութիւնը այդ շրջանին։

Ժամկոչներ, չափրաստ բարեւի, թիւով չորս։ Որոնց պաշտօնական աստեղանիշ համազգեստը արժէքի հանեց իրենց բարեւը, յունական լրջութեամբ, ձեռքերը ճակտին, ֆէսին եզերքին։

Թաղականութեան ատենապետը ընդունեց յարգանքի այս ցոյցը, վայել շեշտումովը իր փորին, որ կռնակին իր ընկրկումովը, ելաւ տոպրակի իր թուլութենէն ու տպաւորիչ, հաստկեկ պատ մը, պատուանդան մը եղաւ անոր հուժկու իրանին։ Վարէն, ուր կը ցածնար վարժարանին (մանչոց) առաջարկը, ճփիկ 6 տնտեսը, հակառակ քսան քայլ հեռու ըլլալուն, նետուեր էր ոտքի, իր կարգին, բարեւ սպասող իր դիրքին մէջ այլապէս ծիծաղելի, քանի որ անոր աչքերը տասը քայլ անդին չէին տեսներ, բայց ականջները հարիւր քայլ հեռուէն տաղանդը ունէին զանազանելու ոտքերուն, կօշիկներուն արժանիքը, երաժշտական ճղրտուքը եւ կոշտ պատկերը, մարդոց երեւումէն շատ-շատ առաջ։

Անոնց առջեւն էր Պրուսայու ժամուն գեղերը հռչակ ունեցող պատշգամը։ Որ, ժամու ամբողջ հասակը կ’առնէր, աւելնալով դառնալու համար անոր արեւմտեան երեսին ալ։ Դարատափին կողը կազմող այդ հողլիցքը, ինչպէս մեծակառոյց վարժարանը գործն էին մեծագործ եպիսկոպոսի մը, որ յետոյ հայրապետական գահին ալ վրայ ցոյց պիտի տար նոյնքան շինարար տաղանդ։ Դուռնէն մտնող ամէն օտարական կը տպաւորուէր այդ պատշգամին օդային պարտէզովը, որ անոր ձորահայեաց եզերքին էր հանուած, հսկայական մեռելքարեր գոյացուցած էին մէկ-երկու մեթր լայնքով անընդմէջ գիծ մը, որուն վրայ քով քովի, մեծփոր թաղարներ «բնակարան» կը հայթայթէին զանազան տունկերու, ծաղիկներու, «խոտերու», ինչպէս կ’ախորժէին հեգնօրէն յորջորջել գեղացիները, այդ ազազուն, սուտ ծղօտիկներուն վրայ, դողացող տերեւները, անարժան՝ իրենց էշերու բերանին՝ ո՛ւր մնաց սա թախթերուն։ Կիրթ ճաշակ մը կը միջամտէր, որպէսզի կանանչի ու ճիւղի այդ գիծը ներդաշնակուէր ներկուած ու կոկ վանդակին, որուն կռթնած էին թաղար ու ծաղիկ։ Դեկտեմբերի կէսն անցած ըլլալուն հակառակ, թաղարներէն ոմանք կը պահէին տակաւին առոյգ կանանչ մը, ուրիշներ՝ ուշացող ծաղիկներ, որոնք կիսագաղջ օդին մէջ բացուեր էին, օրօրուն եւ յիմար։ Հաճի Զաքէոսը գիտէր, թէ այդ օդային պարտէզին պահպանումին համար ազգին սնտուկէն մասնաւոր մարդ մը ամսական կ’առնէր, երկու դռնապանէն, չորս ժամկոչէն, մէկ աւելածուէն զատ, երբ իրենց գեղին նոյնքան մեծ եկեղեցին այդ մարդերուն դէմ շատ-շատ կաղ ժամկոչ մը միայն կը պահէր, ան ալ կէս-վճար, ծնողին ու մեռնողին հաշուոյն ստացած հացը հատուցանել անգամ չկրնալով։ Ժամ բանալ-գոցելէն, զանգակ ու կոչնակ ծեծելէն զատ ի՞նչ էր գործը սա մարդոց։ Ու տակաւին գիտէր, թէ այդ մարդոց ամսականին մէջ մաս ունէին նաեւ իրենց քսակները, քանի որ մուգատա ն 7 պետական հարկին հետ կը հաւաքուէր գեղերէն։ Անոր ատելութի՜ւնը այդ «խոտի» տուրքին դէմ, գեղի սրճարաններուն մէջ, երբ կը խօսէր աղաներուն մսխումներէն, առաջնորդարանին նախարարական բարքերէն, քահանաներէն, ժամկոչներէն, պարտիզպաններէն, բոլորն ալ «հոյակապ» ագռաւներ, թառ եկած այս խեղճ ազգին դիակին ու կրծելով անդադար։ Ու խորհրդաւոր թարթումով կը հասկցուէին անոնք միւս Գրիգորին հետ, ան ալ Պարտիզակ ըրած։ Մխալեանէն ընդհանուր պատմութիւն սորված եւ Ֆրանսական Յեղափոխութեան մեծ դասերը ոգեկոչած պահուն, զարնելով ձեռքերը թղթախաղի սեղաններուն ու պոռալով՝

-Անկցի՛ն ագռաւները…

Պատուիրակութիւնը անցաւ բանկալին առջեւէն. փայտեայ տաղաւար, որուն ապակեղէն մասը ութանիստ ձեւ մըն էր, իւրաքանչիւր երեսին շարժական պատուհաններով, դրամ առնելու եւ մոմ տալու համար յատկապէս հնարուած դրութեամբ մը։ Անոր ճակատին՝ «Ողորմեցէք աղքատացը», թիզնոց գիրերով, որոնց սեւ մարմինը կը կրկնուէր ոսկեգոյն շուքով։ Աւելի փոքր՝ «Ի սէր աղքատեցոյն Քրիստոսի», ու գեղացիները չէին հասկնար, թէ ինչո՞ւ այդ գիրերը կարճըցած էին։

Պալճեան Գրիգոր աղան ժպիտով վիզ ծռեց, ցոլացիկ ապակիներէն ներս, այցուած ըլլալով յիշատակէն խոշոր քրտինքին, որ գործն էր քաղաքի ջոջերուն, երբ առաջին անգամ, սկսնակ աղա, առնուեր էր ներս «ապակի տակառէն» ու հրաւիրուեր իւղագին տալու, «ցնծալու»։ Աչքին եկաւ կէս կանգուննոց կտաւ քսակը, գոյնովն ու փորովը, զայն մէջքէն հանելէ յետոյ ափին մխրճումը անկէ ներս, ու բուռ մը արծաթը, որ այդ պարկին մէջէն լոյսի՜ն էր եկեր։ Աղայութիւնը իր օրէնքները ունի։ Անիկա պարտաւորուեցաւ իր բուռին պարունակութիւնը պարպել պնակին։ «Տոպրակէն անգամ մը ելածը վար չէր իջնար», իջնալու չէր բարիքի ատեն։ Այսպէս տրամաբաներ էին մեծահարուստ ու մեծփոր այդ վաճառականները, Աղքատախնամին անդամներ ու «խաշեր» տեղնուտեղը, անոր անփորձ սնապարծութիւնը։ …։

Հաճի Զաքէոսը, լուռ, ցասկոտ, պոռթկալու պատրաստ՝ կը հետեւէր տէր Մեսրոպին, որ անտարբեր թաղարներու շքեղ շարանին ու հետզհետէ պարզուող համապատկերին ձախէն՝ Սէտ Պաշիի ձորը, անոր եռաչուի կամուրջը, դարատափի գեղանի տուները ու հսկայ պատերու վրայ կազմուած ծաղկանոցները–, անդադար հարց կ’ընէր գեղին աղաներէն, ասոնց կիներէն ու զաւկըներէն, եղած եւ ըլլալիք հարսնիքներէն։ Բոլորին վրայ ունէր իր սրամիտ, զուարթ, իրաւ դիտողութիւնը։ Անիկա զգուշացաւ Նալպանտենց «աւերածին» մօտենալէ։ Զգուշացաւ նորէն հիմնական հարցէն` անունը չտալով Սողոմին։ Ու ճարպիկ խաղերով խուսափեցաւ զբաղելէ այն խնդրով, որուն համար եօթը լեռ կտրեր-անցեր էին իրեն հետեւողները։ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոսը կարգադրելու էր ամէն բան «անհասանելի կամօքն իւրովք»։ Ժամանակները փափուկ, «յոյժ» փափուկ էին։ Ու «Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի աջը հովանի» ըլլալու էր մեր ամէնուն վրայ։

Ոչ՝ Գրիգոր աղա Պալճեանը, որ գեղէն կառք նստած ատենը այնքան մեծ էր ջարդեր, առաջնորդը փայթոն դնելով կուսակալին տանելու աստիճան, ոչ՝ հաճի Զաքէոսը, որ Մելիքսեդեկ եպիսկոպոս Մուրատեանի Եկեղեցական պատմութենէն ու Գրիգոր Մխալեանի ձեռագիր Ընդհանուր պատմութենէն քաղուածքներ ընելով՝ կուռ պաշտպանողական մը պատրաստ կը պահէր գրպանը, հայ եկեղեցւոյ իրաւունքները փառաբանող եւ ուր ճարտար ագուցումով «ընդելոյզ» էր մարդկային «իրաւանց անմահ սկզբունքը», չունեցան համարձակութիւն ընդմիջելու, զիրենք խորագրգռող հարցերուն մօտեցնելու շատախօս քահանան, աքաղաղէն էշը ցատկող իր բառերուն վրայ, յորդ, աճպարար, հաւասարակշիռ։

Դարձան ժամուն արեւմտեան երեսը։ Մեր շէնքերը ի՜նչ քրտինք, յուզում, գեղեցկութիւն արժած են մեզի։ Բայց, ափսո՜ս, որ պարտաւորուած ենք կարճ ըլլալ։ Մինչ ամէնքս գիծ-գիծ կ’ախորժինք մեզապատկան ամէն իրերէ, ուր շատ-շատ ընտանիքի մը հոգին է շաղուըւեր, որքան խոր կենդանութեամբ մը ողողուելու էինք հաւաքական կառոյցներէն, ուր սերունդներու հազարներով հոգին է բիւրեղացեր։ Բայց հիմա հողէ ու կառոյցէ զուրկ ամբոխն ենք մենք։ …։

Պատուիրակութիւնը հասաւ Վանքին սանդուխը։

Օրը լուր ըլլալուն, ժամու այդ տարին մարմարեայ ամայութիւն մը կար։ Նոյն սրբատաշ քարերը, որոնք ով գիտէ ո՛ր բարեպաշտ հոգիներու իբր տապան էին ծառայեր, հիմա կը կազմէին այդ արեւմտեան սալարկը, անթերի ողորկութեամբ, զոր ժամացոյցի մեծկակ կափարիչներու կորութեամբը տեղ-տեղ կը կլորցընէին օղակաւոր մէկ քանի քարեր, անոնք ալ մարմար։ Մաքրութիւնը, ոսկեզօծ գիրերով աղբիւրներուն լեզուն, սանդուխները սկսող վանդակներուն սպիտակ ու խաղաղ լռութիւնը անշուշտ հաշտ էին Վանք բառով հետապնդուած իմաստին։ Բայց բարձրահայեաց փա՜յլը սա վիլլային, որ իր պերճանքէն դուրս, մասնաւոր հոլով մը կը կոխուէր, կ’իշխէր սա սանդուխներուն, թրքական ապարանքի մը վայել դրուագուն, պիսակաւոր իր եզերազարդերովը։ Բայց շլացիկ կենդանութի՞ւնը իւղաներկին, որ այդ օրերուն ընթացիկ ոճ մըն էր ու նկարէ, արձանէ ախորժ չառնող թուրք պալատները փառփառ կը վառէր արեւուն դէմ։ Բայց առկախ սա պարտէզին ժամուն տանիքին կը հաւասարէր անոր մակերեսը իշխանական փարթամութի՞ւնը, ուր կոպիճով հիւսուած ու գորգի մը յատակը թելադրող նկարով ածուներ երկրաչափական ճշմարիտ ժապաւէններ կը կտրտէին խատուտիկ կանանչէն, որ խաւարտ ու տօսախն էր իրենց եզերքին։ Ու տաղաւարներ, եղեգնահիւս ու ծաղկեբոլոր, որոնց գագաթին կը հանգչէր թրքական խորհրդանիշը, մահիկը՝ ծոցին աստղ։ Ու աւազաններ, որոնց պաստառին վրայ հեղուկ ջահեր կը բռնկեցնէին լեզուները շատրուաններուն։ Սարփինայ։ Արեւադարձային արմաւենիներ։ Ահա տարրե՜րը հայոց առաջնորդարանի պարտէզին, որուն պաշտօնական անունը Վա՜նք էր երկու հարիւր տարիէ ի վեր, ինչպէս կը վկայէին հին արձանագրութիւնները Սուքիաս էֆէնտիի դիւանին։

Վա՞նք։

-Անշո՛ւշտ։

Վասնզի, կար ատեն մը, հազիւ կէս դար կանխող, երբ այժմեան սա փարթամ, ակնախտիղ պարտէզին տեղ կը տարածուէր ուրիշ մը, նոյն այս հողերուն վրայ, բայց առանց սա շատրուաններուն, լիւքս ու անբեր ծառերուն։ Որուն խորտուբորտ ծալքերուն վրայ, ալեփառ՝ բայց կայտառ մարդ մը, գլխեբաց, իր երկարուն մարմինը մազեղէն վերարկուի մը պլլած, մօրուքին ճերմակ շուքը ժուռ կ’ածէր բրիչին հետ, ածուէ ածու, լոլիկի, բողկի, վարունգի, դդումի եւ ընթացիկ բանջարեղէններու մշակումին յատկացուած։ Գեղանիզակ սոխե՜րը ու ակօստերեւ սխտորնե՜րը։ Անշուշտ, այդ երանելի դարերուն, այդ պարիսպէն դուրս անհաւատին ահը կրկին կ’ամպանար հոդ աշխատող մշակ ժողովուրդին վրայ։ Կրկին տուները կ’ապրէին օրուան մը կեանքին երկնատուր նուէրովը ու կ’աղօթէին հասնող գիշերին արհաւիրքին դէմ, Նարեկացին եւ Շնորհալին «երկնառաքելով»։ Անշուշտ, այդ երանելի ատեններուն, առաջնորդները, եպիսկոպոս կամ վարդապետ, իրենց աղօթքէ «պարապ» ժամերը կու տային աստուածահաճոյ զբաղումներու, կը պառկէին հողյատակ սենեակներու մէջ, քարին ասեղներուն յանձնած դեռ ողջ մասերը իրենց միսերուն ու ոսկորներուն, բայց իրենց սուրբ քղանցքին համբոյրին երկարած հիւանդները ողջ-առողջ տուն կը ղրկէին ու Աստուծոյ շնորհիւ կը հայցէին հեթանոսին, ինչպէս հայ-քրիստոնեային վրայ, բժշկելով կոյրերը, անդամալոյծները, այսահարները, ուր իրենց փէշերուն յանձնուած գառնուկ ժողովուրդին վրայէն հեռացնել ցասումը անհաւատին։ Միշտ այդ օրերուն, Վանքը արդար ու տիրական բառ էր հայուն ու թուրքին բերանին։ Հիմա՞։ –Փաշաներու բուրաստաններէն ընդօրինակուած իր պարտէզովը, ու անոնց սէլամլըգները յիշեցնող իր վիլլայովը հայոց եկեղեցիին այդ մասը փաստը կը բերէր ուրիշ, փոխուած քաղաքակրթութեան մը։

Տէր Անիքտոս քահանան, որ պարզ, բարեպաշտ, բարեհամբոյր Խաչիկ վարժապետն էր գեղի դպրոցին միջին յարկին, քահանայանալէն յետոյ առաջին անգամ շփումի կը մտնէր, սա թլփատուած քաղաքին մէջ, թուրքին պերճանքին, ու գեղին խեղճուկ, սապատաւոր սանդուխը ունէր մտքին առջեւ ժամուն օտային, վախով վեր առաւ իր քղանցքը, «լեզուով սրբուած» սա մարմար աչքերուն խնայելու համար աղտը իր փէշերուն։ Երիտասարդ անոր մօրուքը, որ երկննալու տեղ թաւնալուն, զինքը վարժեցուցեր էր մատերովը թել քաշելու, անոր շուարումին կը բերէր ծիծաղելի երանգ ալ։ Ու քաղաք գալուն առիթով քարիւղի մէջ իւղերէն մաքրուած անոր փակեղը խուլ հոտով մը անհանգիստ կ’ընէր անոր շունչը։

-Ո՞ւր ենք, հաճի Զաքէոս, - փսփսաց կամացուկ, տէր Մեսրոպէն չլսուելու հոգով։

-Արքայութի՜ւն, - պատրաստաբանեց հաճի Զաքէոսը, խորունկ հեգնութեամբ։

Ժողովրդային տրիբուն՝ անիկա կը խորհէր դրամին, որ ազգին քսակէն կորզուելով, եկեր էր սա պատերուն, երկաթներուն, ձողերուն վրայ ոչնչանալու։ Ու կ’ոգեկոչէր 1870ը, Ազգային ժողովը, Ստեփանոս Փափազեանը, որոնք այս ամիրայական սովորոյթներուն դէմ այնքան վսեմ պայքար էին բացած ու պատմութեան անցած, անցուցած իրենց ընդդիմութիւնը։

Տէր Մեսրոպին քովնտի նայուածքը կարճ կապեց տրիբունին հաւանական շեղումը։

Ատենապետ Գրիգոր աղա Պալճեա՞նը։

Անշո՛ւշտ։ Ան ալ կը հաւաքէր ինքզինքը, քանի կը մօտենար առաջնորդարան։ Ո՞վ չունի իր հաշիւները աշխարհի երեսին։ Ու փառաւոր՝ հաշիւը ատենապետ աղային, խորունկ ու ճարտար, զոր կը սքողէր խնամքով։ Առաջնորդին «հաճոյ թուելու» գրաբար ասութիւնը Աւետարանէն կաթած էր անոր մտքին թէեւ, բայց ունէր աւելի թաքուն, անխոստովանելի արմատներ։ Վասնզի հիւծախտաւոր իր կինը թաղելէ վերջ բժիշկները անոր մահը վճռած էին, ամէնէն ուշը մինչեւ գարուն–, անիկա պէտք պիտի ունենար առաջնորդին արտօնութեան, պսակուելու համար քենիին հետ, տասնվեցը նոր անցած ու այրի, այսինքն՝ առանց նշանածի, քանի որ այդ երիտասարդը մեռած գտեր էին լեռը, մարդ չէր գիտցած՝ որո՞ւ ձեռքով։ Խուժդուժ այդ սպանութիւնը կացինով առած էին տղուն գլուխը արժանի չեղաւ կառավարական խիստ հետապնդումի, հայերը մեռնելու համար դժուարահաճ չըլլալ ստիպուելնուն։ Ու բացի աներձագէն ոչ ոք գիտէր սպանութեան մէջ մատը թաղականութեան ատենապետին, որ այդ անմեղ տղան գործածեր էր երիտասարդը պառկեցնելու, ազատ ընելու համար գլուխը իր քենիին, տարի մը կայ օրինաւոր տարփուհի, հիւանդ իր քոյրը արժանիքով, տարիքով, առաւելութեամբ փոխանորդող։ Մարդկային սի՜րտ, ինչ ցեխէ շիներ են քու խեցին։

Սանդուխներու գլուխը, պաշտօնական վայրերու մուտքին, սպասման կարճ րոպէներու, մենք այսպէս ոտքի վրայ ողբերգութիւններ ենք այնքան յաճախ։ Վտանգի, կորուստի փոփոխակի ալիք մը մեր հոգին կ’աւլէ, կրկին կը կազմուի ու կը դառնայ ետ։ Իւրաքանչիւրին մէջ աշխարհ մը իւրայատուկ նկատում ու յուզում։ Ու այս դիտողութիւնը իր բոլոր կշիռը կը ստանայ, երբ սանդուխներուն վերեւ թուրքը դնենք։ Ամէն հայ (բացառութիւնները դուրս են ազգային մթնոլորտէն) զգացեր է այդ անձուկը, երբ գործի մը համար սպասեր է դիւանի մը դուրսը։ Համիտի ռէժիմին հայոց առաջնորդարանները երանգն էին առած տաճկական պաշտօնատան։ Ժամկոչներուն լուսնաստղ նշանով կոճակները պարզ զարդանիշներ չէին։

Ելան։

-Պարտէզը՝ զոր կը ճանչնաք մեծ գիծերով։

Ընդարձակ, տասնի մօտ արտավար տարածութեամբ մը։ Մարդեր կան, որոնք արտաքին ամէն զգայութիւն իրենց մէջ կը վերածեն ներքին, իրենց թաքուն անձին երանգէն զգացումի կամ մտածումի։ Ձկնորսը, քաղաքին մէջ ծախուած ձուկերուն առջեւ ուրիշ մարդ մըն է։ Տէր Անիքտոսը, գիւղական երկրաչափ, վարժապետութեան շրջանին (կը հասկնաք անշուշտ աշխարհականը ) մասնագէտ մըն էր հողերու չափումին։ Չուան, կանգուն, քայլ՝ անոր աչքին չափ ստոյգ չէին տար տարածութիւնը։ Ու հողագործ՝ անիկա ափսոսաց քիթին տակէն սա հողերուն, որոնք ձգուած էին սա ճիճիպիճի ծաղիկներուն, յիմար ու անբեր ծառերուն։ Ի՞նչ գործ ունէին եղեւինն ու վայրի կաղամախը տեղի մը վրայ, ուր ցորենն ու գարին տիրելու էին անդիմամարտ։ Իրաւ ալ, հինաւուրց մայրիներու խիտ վարագոյր մը կը թուէր ձգուած պարտէզին հարաւ ու արեւելեան պատերուն առջեւ։ Տէրտէրը նկատեց, որ այդ գիծը տեղ-տեղ փրթած էր։ Ուրկէ՞ իմանալ սակայն դաւադրութիւնը, որ գործադրուած էր կանանչ այդ պարիսպին վրայ երիտասարդ վարդապետի մը ձեռքով, մեծ մարմնաբոյժ ու հաճելախոյզ։ Ծառերը մեռած էին թունաւորուած այդ օծուած աջէն, որ անոնց արմատները գամով ծակծկած ու ծակէն ներս սնդիկ էր վազցուցած։ Մետաղը քալած էր արմատներէն ու մաղ-մաղ ըրած անոնց աչքերը։ Անոնց կարմրած մարմինները ինկան, որպէսզի անցք տային պարիսպէն անդին, փողոցէն բարձրացող տան մը պատուհաններուն, դուք կը հասկնաք, հսկող աչքերուն դէպի վանական բուրաստանը, ուր, ծաղկենկար, ոսկեզօծ գդակով երիտասարդ վարդապետը վարդենիներ կը խնամէր, ածուի ծաղիկներ կը փայփայէր, ծունկերը լարած, նայուածքն ալ պատուհաններուն։ Ծառերուն անկումով պարիսպի վարագոյրին մէջ գոյացող հերձուածը անշուշտ խռովեց ութսունամեայ, գործէ քաշուած աւագերէցը, որուն երիտասարդութեան կը վերանային անոնց փառքն ու իմաստը։ Ան պաշտօնապէս բողոք «բարձաւ» նորին սրբազնութեան, արքեպիսկոպոս Չամիչեանին, սրբապղծուած պարտէզին վարկը փրկել ջանալով ու մեղադրելով պարտիզպանը, երիտասարդ վարդապետը, քանի որ դաւադրութեան հետքեր նշմարած էին դժուար տեսնող իր աչքերը։ Քահանան պատժուեցաւ, շատ տպաւորիչ պատիժով մը, վրայ տալով տասանորդը իր ծուխերուն, իբր «օրինակ այլոց», իրեն չպատկանող գործի մը խառնուելով եւ «անդորրութիւնը վրդովելուն»։ Չամիչեան սրբազանը ա՛լ տիրական դէմքն էր հայերուն յորմէհետէ Հայաստանի կողմերը քոմիթէին հոտերը ելած էին եւ սրբազանին մեծ հակառակորդները, իրենց ազգային եռանդով քաջածանօթ հայերուն եւ թուրքերուն, սրբազան իր ցուցմունքով կասկածելի նկատուած։ Եպիսկոպոսը կայսերական պալատին ալ համակրութիւնը ունէր իրեն հետ, ու Վանքին առաջնորդարանը ձգած երիտասարդ իր ձեռնասունին, կ’ապրէր քրոջը տունը, հինգ սպասուհիներէ շրջապատուած, որոնց ամէնէն մեծը քսանը չէր անցներ։ «Սրբազան պէյը», որ անոր պիտակ անունն էր, բացատրութեան կերպ մը չէր, այլ՝ խորունկ աղտոտութիւն մը։ Ի՜նչ տրտում ու խոր է մարդոց պատմութիւնը։ Քանի՛ քրքրենք, ա՛յնքան յատակը կ’ընկրկի, ու անոնց մեղքերուն աղբը կը պարարտանայ։ …։ Ու գործերը քալեցին։ Յուզմունքի տարիներուն քաղաքին մեծերը զգուշացան Վանք բարձրանալէ ու չեղաւ կամքը, որ տնկէր նորերը պառկողներուն տեղ։ …։ Յաջորդող առաջնորդը, պոլսեցի, (այսինքն՝ պարտէզի, ծաղիկի, ծառի սիրահար) գիտնական, նոյնքան երիտասարդ ու ծաղկենկար գդակէ ախորժ զգացող, Լաֆոնթէնի առակագիրքը մատնիով ողողուած մատներէն կախ, կը սիրէր թափառիլ այդ «հովաստանին» ներքեւ ու չէր նեղուեր փրթած գիծին ծառերուն։ Ան ալ պարիսպին վրայէն բարեւ կ’առնէր ու ողջոյն կ’ուղարկէր։ Տուներու պատուհաններէն աչքերը չեն պակսիր։ Հինցողին, գացողին տեղ, ուրիշը, նորը պիտի գայ։

Վանքին պարտէզը, «այդ բոլոր շռայլութիւնները» արդարացնող իր պաշտօնեան ալ ունէր, վճարուած պարտիզպան, որուն քոյրը, համբաւով գեղեցկութեամբ, ատենին Չամիչեան սրբազանի սպասուհիները կը կառավարէր, անվիճելի հեղինակութեամբ մը, ծերացած՝ բայց «անձէն առողջ» եպիսկոպոսին վրայ։ «Հոյակապ» սա պաշտօ՛նը, ինչպէս տարազեց միտքէն Պարտիզակ ըրած, ամառնային արձակուրդի մը այդ գիւղաքաղաքին մէջ Արշակ Չօպանեանը ճանչցած ու ատկէ շփացած պատուիրակ-քարտուղարը թաղականութեան։

Տեսան պարտիզպանը, որ թաղարիկները կը տեղափոխէր, ով գիտէ քանի՛ հարիւրերորդ անգամն ըլլալով։ Դեկտեմբերին ալ կը քրտնէր անիկա, քանի որ թաշկինակը անդադար ծծուն թուղթի մը պէս կը պտըտէր անոր դէմքին վրայ։ Աճապարո՜տ։ Վասնզի պարտէզի խաղաղութեան մէջ անիկա կը լսէր բոլոր ձայները ու, արդարացնելու համար իր ամսականը՝ կը կեղծէր, կը տիրէր տենդոտ աշխատանք։ Առնուազն մկրատով կնտել ով 8 ածուեզրի տօսախները։ Այսպէս պիտի ընէր, այցելուի ոտքի ձայնն առնելուն։ Փորձառութիւնը անոր սորվեցուցեր էր աչքին արժէքը, իր գործին վրայ։

Հարուստը պիտի հետաքրքրուէր հանգիտութեամբ, աղքատը՝ նախանձով։ Տակաւին կային ուրիշ ալ պատճառներ։ Հաճի Զաքէոսը, լսովի տեղեակ էր բաւական սիրուն մանրամասնութեան մըն ալ։ Շնորհալի պարտիզպանը, հայր սուրբին անունովն ու ողջոյնովը, իր ածուները կազմուած «ճաշակագեղ» ծաղկեփունջեր կը փութացնէր իբր դուզնաքեայ նուէր այս ու այն վաճառականին, աղային, հայազգի պէյի մը ոչ անշուշտ մաղազաները, այլ՝ բնակարանը ու հարկ չկայ ճշդելու՝ որոնց հասցէին։ Ի հարկէ, հայր սուրբը պարկեշտ, անբասիր եկեղեցական մըն էր մեծամասնութեան աչքին։ Ու Ջերմուկները լոգանքի գացած օրն անգամ, գիշերը անպայման պիտի դառնար Վանքի իր անկողինին։ Բայց։ Ու պէտք է կախել այս «բայց»ը։ Գեղանի, հոյաշէն ու հեշտագին նայուածքին տիկինները, ժողովական կամ ոչ՝ իրենց ամուսիններուն լուռ արհամարհանքին հակառակ, «հոգի կու տային» վանաբոյս այդ սիրուն, «չքնաղ» ծաղիկներուն։ Ու տաղաւարներու, աջահամբոյրի, կամ աղքատիկ տղոց ձմեռնային զգեստ հայթայթելու համար իրենց դիմումներուն արդիւնքը առաջնորդին հաղորդած ատեննին, ժպիտով, յամեցուն շաղակրատութեամբ, գովքը չէին սպառեր այդ սիրուն, չքնաղ, դարձեալ սիրուն, դարձեալ չքնաղ ծաղիկներուն։ Տեղը չէ՞ կրկնել այնքան իմաստուն առածը մեր ժողովուրդին.

-Աշխըրքին բանն այսպէս է եկեր ու գացեր։

Պարտէզին մուտքը ձողակազմ մեծ դուռ։

Ուր փութաց բազմաշխատ պարտիզպանը։

Լիաժպիտ, վայելուչ, գեղանձն։ Կնիկի վայել նրբութեամբ մը։

Բացաւ անիկա ցանց-փեղկը, սուր, ուժով, ու երկարուն զանգահարութեան մը մէջ, չերեւցող զանգակէ մը։ Ընդունելութի՞ւն։ Այդքա՛ն կ’ըլլար։

Անկոճակ իր համազգեստին մէջ ժամկոչներուն բողոքը Չամիչեանին մեկնումէն յետոյ փրցուցած էին պաշտօնական մահիկն ու աստղը անոր բաճկոնէն–, անիկա կատարեալ էֆէնտի մը կը մնար, շուկայ, դիւան հոտող։ Նկատեց ատիկա տէր Անիքտոսը, որ սքեմին տակն իսկ հողագործ, բնազդաբար տեսեր ու դատեր էր մատնիով զարդարուն ձեռքը դուռը բացողին։ Հողին մէջ ու հետ աշխատողը «տէօնիւմ» մը հեռուէն կը ճանչցուի իր կոշտերէն, ճեղքռտած մատի ծայրերէն ու յօդուածներուն կոշկոռ կապած ցեխէն։ Ու տէրտէրը ակամայ շփեց իր մատները, որոնց յօդերուն գունտ-գունտ բան էր քարցած, հակառակ երիտասարդ տարիքին։

Դուռը, դառնալէն յետոյ, մաքուր այդ էֆէնտին կրկին բարեւեց նորեկները, վայել ճկունութիւնով ու արարողապաշտութեամբ։ Նոյն ատեն, ճարպիկ, անգուշակելի առանձնախօսութիւն՝ տէր Մեսրոպին հետ։ Յօնք, ուս, դէմքի փոփոխակի կէսեր, նոյնիսկ մօրուքը մաս ունեցեր էին սա խօսակցութեան մէջ, որ կարճ տեւեց։ Հայր սուրբին հազը, «դղրդագին ու ջղային», ճուացող կիներու կանչին շատ մօտիկ, արձագանգեր էր կրկնապակի պատուհաններէն։ Պարտիզպանը, արտորանքով՝ բայց տխուր, փախեր էր դէպի թաղարները։ Պաշտօնական բարիգալուստէն դուրս, անոր արգիլուած էր խօսիլ այցելուներուն։ Ու ատիկա մեծ տառապանք էր այդ մարդուն, քանի որ լեզուն ջաղացքին քարին պէս կը դառնար բերանին։

-Սատանայ, - փսփսաց ետեւէն տէր Մեսրոպը, ու անցաւ առաջ։

Պատուիրակութիւնը, հետեւիլ ստիպուած ըլլալուն, պատեհութիւնը չունեցաւ սատանային յեղաբանութիւնը՝ ինչպէս մեղքը ուզելու, թէ հաճի Զաքէոսը իբր կէս-պրուսացի (միւս կէսը պարտիզակցի, չմոռնալ ասիկա) պարտաւոր էր տեղեակ ըլլալ, սատանային վրայ շրջող զրոյցներուն։

Անոնք կանգ առին ապակեայ գաւթակի մը առջեւ։ Ճիշդ ու ճիշդ նոյն ոճով, որուն ծանօթ են մեր ընթերցողները քոմանտան փաշային ապարանքէն։

Ապակեայ այդ տուփին երկու արտաքին անկիւններուն, շունի մեծութեամբ երկու արձաններ, դասական նստուածքով առիւծներ, իրենց մարմինին մարմարէն հանուած մէյ-մէկ թաղար սեղմած իրենց ճիրաններուն։ Ո՞ր հանճարային մտածումի միս ուտող սա խոտեղէն առարկաներն էր ճարեր։ Հայր սուրբին նուէրն էին անոնք ազգային առաջնորդարանին, կատուի մեծ սիրահար ու, հանգիտօրէն՝ կատուազգիներու։ Թաղարներուն խորը, ա՛լ չորցած ծղօտներ, որոնց փակած կը մնային եղջիւրի ձեւով սեւցած պարկուճներ, ոսպ-ոսպ ուռեցած՝ իրենց պատեանը, մանրանկար սանդուխներ կազմելով ծղօտներու քովերէն, թաղարներուն մէջտեղը ճերմակ ձողիկներ, որոնց գագաթին ճերմակ հաւկիթներ, փայտեայ, բայց կատարեալ նմանութեամբ, անգէտները պատրելու աստիճան։

Գաւթակէն ներս դարձեալ թաղարներ։

Ճակատէն` առաջնորդարանի հիւրասրահը, ուր թիկնաթոռներու կիսաղեղ շարքէն մաս մը ոտքի, ուրիշներ նստած կը թուէին, մութէն այդպէս ձեւազեղծ։ Մեծատարած պատուհաններէն լոյսի տեղ մութի մօտ բան մը ինկած էր անոնց վրայ։ Հաճի Զաքէոսը գիտէր, թէ ոսկեդէզ վարագոյրներ ու անոնց վերնամասը թիկնոցող ծոպաւոր ուրիշ թաւիշներ կը խզտէին լոյսէն գոյնն ու իմաստը անշուշտ ազգին պիւտճէին, գեղին «աղքատին ու տնանկին» բերնէն փրցուած պատառին գնով, ինչպէս կը բարբառէր քաջարի տրիբունը, երբ թաղականութեան շրջանը լրանար ու մինչեւ ընտրութիւնները գործերը իյնային «որջացած»ներուն, որոնք այդ անիշխանութեան ամիսներուն ազգը պոչով կուլ կու տայի՜ն։

Սողոմենց կնիկը խաչ էր հաներ, վախուն ու արմանքէն։

Գաւթակի աջին, դուռ։

Որ բացուեցաւ, զանգակի քիչ ու մեղմ սուլոցով մը։ Ո՞վ էր կոխած մատ կոճակին, որ չկար։ Հարցուց ինքիրեն, Սողոմենց կինը, որ կը վախնար խաս մարմարին ամուր կոխելէ, զանոնք կոտրելու կամ աղտոտելու զգուշութեամբ։

Ու այդ դուռին մէջ Սուքիաս էֆէնտին, առաջնորդարանի պատուական ու ազգասէր քարտուղարը, նուէր՝ Չամիչեան սրբազանէն, եփուն ու գործ կարգադրող, լիակատար վստահութիւնը վայլող բոլոր առաջնորդներուն ու ազգային մարմիններուն, ինչպէս… թուրքերուն։

Ինչպէս միշտ, անիկա տեղաւորեց գրիչը ականջին ետեւը։ Այդ բնազդական շարժումին հետ՝ անիկա քիթին ալ պիտի տար անգիտակից հարուածը, զայն արթնցնող։ Ատիկա՝ պատրաստութիւն, տէր Մեսրոպին «պղունցը» ընդունելու, որուն վարժեր էր թեթեւ մոլութեամբ մը։

Ամէն այցելու, ամէն դասակարգէ, հերիք է, որ բացառիկ արտօնութիւն չունենար առաջնորդին սենեակը մուտք գործելու, անիկա պիտի ընդունէր այդպէս, այդ սեմէն, թիզով բարձր սալարկէն։ Քիչիկ մը ընդառաջ, կիսաժպիտ, քիչիկ մըն ալ աղեղօրէն երկարուն դէպի այցելուն, մեծարանք առնելու կամ տալու իր կեցուածքին մէջ ինքզինքը «հանդերձած»։ Թրքական քաղաքավարութիւնը մերիններէն ոմանց մօտ հասած է բնատիպէն վեր կատարելութեան։ Քիչ քաղաք, որքան Պրուսան, տուած է այդ երանգով փաստաբաններ, որոնք կօշիկ ու թարթիչ անգամ կաղապարած են սկզբնատիպ կաղապարին վրայ, ձայնէն, լեզուէն, ձեռքերու եւ կռնակի շարժումներէն ետքը։ Պոլսեցիները բերելու են մեծարժէք ուսուցիչ մը, բնիկ Պրուսայէն, որ թուրքերէնը դաս տուաւ կէս դար իրենց վարժարաններուն մէջ եւ չէր զատուեր թուրքէն հանգամանօրէն, թուրքէ մը աւելի խորացած ե ռ ալեզու անոնց մշակոյթին ու Պապը Ալիի դիւանատէրերուն մագաղաթեայ դէմքին մէջ։

Սուքիաս էֆէնտին, քիչ-շատ ծանօթ եւ «շնորհքով» մարդու մը առջեւ կը լրացնէր իր ժպիտին միւս կէսն ալ, ինքզինքը ընելով պատրաստակամ ու անկեղծ, գործադրելով գործադրելի ամէն առաջարկ «ըստ կարեաց իւրոց եւ փութանակի», ինչպէս կը սիրէր թրքաշեշտ գրաբարել, հայերէն չհասկացող այդ մարդերը տպաւորելով քաղցր իր հաճոյակատարութեամբը։ Ոչ ոք չմերժել, ու բան մը չընել, անշուշտ անհաշտելի այդ եզրերը միշտ չեն գոհացուիր։ Բայց կան այս մարդերը եւ իրենց պատրաստակամութիւնը կը բաւէ իրենց անգործութիւնը չքմեղելու։ Սուքիաս էֆէնտիի վարկին ու ժողովրդականութեան մեծագոյն զսպանակը այս սրտառուչ ու զինաթափ ընող բարեացակամութիւնն էր, խորապէս թրքական ու առանց կաշառքի։ Թուրքերը արգիլած էին ատիկա իրեն` պահել տալու համար իր աթոռը առաջնորդարանին օճախին մէջ։

Անիկա ըրաւ բարիգալուստի պարտ ու պատշաճ շարժումները, տեղաւորեց ընթացիկ բանաձեւները, օծուն, դիւրապատրաստ, «մեղր ու շաքար», արդարացնելով իր համբաւը, որ հասած էր ընդարձակ թեմին խորագոյն գիւղերը մինչեւ։ « Փ ութանակի», «ըստ կարեաց իւրոց» գեղեցկահունչ տարազներէն զատ, դեռ սեմէն ներս չքացան, անիկա լսելի պիտի ընէր իր «սպասը» պատուական «իւրազնէից կարեաց ի գոհացումն». պաշտօնական թղթակցութեանց այս ոճերը նամակներէն փակած էին անոր լեզուին, որ, տեղի-անտեղի, հայր սուրբէն խծբծուելուն հակառակ, կը գործածէր զանոնք «ի մասնաւորի» գիւղական պատուիրակութեանց առջեւ։

Ձեւակերպական, քլիշէ սա խօսակցութեան ընթացքին, անիկա սանկ խոշոր գիծերով պիտի ծանօթանար, դեռ դիւանատուն չընդունած, իրական կարիքը իւրազներու, արարողապետ տէր Մեսրոպի, կամ ասոր բացակայութեան՝ պարտիզպան Մամաս էֆէնտիին նշմարներովը՝ ուրիշներէ անթափանց։ Ծանօթ է արհեստապետութեանց մասնալեզուն ։ Չէ կարելի ոսկերիչ մը հասկնալ, առանց շրջանակէն անցած ըլլալու։ Ոսկերիչներէն ետքը, մեր մէջ իրական արհեստապետութիւն կը կազմէր կրօնակ ա ն դասակարգը՝ իր մասնաւորուած լեզուովը, շահերը հետապնդելու տիրական մեթոտներովը, «գանձանակային» ու բանկալեան բարքերու անսրբագրելի հաւատարմութեամբ։

Սուքիաս էֆէնտին թեթեւակի մռայլեցաւ, երբ եղաւ տեղեակ իւրազնէից կարիքներուն։ «Գործ»ին դժուարութիւնը, փափկութիւնը կ’աւելցնէին անոր կարծիքով ժամանակին ալ փափկութիւնը, դժուարութիւնը։ Անշուշտ է ճշմարտութեան բաժինը սա տարազներուն մէջ։ Դիւրին է, քիչ-շատ քաղաքակիրթ վայրերէ, արդի ֆիզիքական ապահովութիւնը հիմ բռնելով ծանրանալ այդ շրջանին եւ զայն դատապարտել։ Ինչպէս՝ հիմ բռնել Սուքիաս էֆէնտիներու ոհմակը եւ տարածել սա անկումը ամբողջ ազգային շրջանակներու վրայ։ Ասկէ անկախաբար, միայն գիւղին անունը ու մաշած կնիկին ձեռքը բաւ էին դղրդելու անոր ինքնին անապահով դատողութիւնը։

Րոպէ առաջ անոր այնքան զեղուն արտայայտութիւնը վերստացաւ կիսապաշտօն տարտամո ւ թիւնը, որով սկիզբ կ’առնեն մեր մերժումները եւ տհաճ, անհամ ձգձգումները։ Իր «ոսկեդարէն» ետքը, որով կը խորհրդանշուէր 1880-90ի իր պաշտօնավարութիւնը, երբ Չամիչեան սրբազանին պետական ազդեցութիւնը առաջնորդարանի դիւանին բերեր էր պետական պատկառանք, Սուքիաս էֆէնտին, «հեծեծագին ողբալով» ազգին օրըստօրէական անկումը, կ’աւաղէր անցաւոր փառքը այս աշխարհին, օրերը՝ երբ իր սրբազանին մէկ բարեւը բաւ էր բանտարկեալ մը ազատ արձակելու կամ ազգային կալուածներու վրայ ոտնձգութիւն մը «առերեւոյթ» սանձելու։ Հիմա՞։ Իր գործունէութիւնը ու տարօրինակ է, որ իր ով հասկնար ամբողջ առաջնորդարանը կը սահմանափակուէր ծնունդի եւ մահուան վկայաթուղթերու խմբագրութեան ու, այսպէս ըսուած «քաղաքական ժողովի» մը ատենագրութիւնները կը դիւանէր (իրն է բառը) արձանագրելով, մանրամասն հաւ ա տարմութեամբ վիճաբանութիւնները, սա երանելի ժողովականներուն, որոնք ժամեր կու տային մոմարանին մէջ գործածուելիք մանածին կէս ֆարթինկ աժանութեանը մասին եւ դիւանին «ի պահ» կը ղրկէին գեղերէն խմբագրուած տեղեկագիրները, բոլորն ալ լեցուն զուլո ւ մով, առնուազն տան ճրագ երիտասարդի մը արիւնով, փախցուած աղջկան մը ողբերգութեամբ ը, կամ՝ բռնաւոր պէյերու ոտնձգութեամբը դարերէ ի վեր հայ գեղերու պատկան հողերուն վրայ։ Թրքական զուլումը մէկ է իբր յղացք։ Մէկ է գրեթէ իբր գործունէութիւն։ Անատոլուի արեւմտեան նահանգներուն մէջ անիկա ծաւալով միայն կը տարբերի հայկական որակուած այն շատ ընդարձակ հարստահարութենէն, որ քաղաքակ ա ն որոշ ծրագրի մը կը հպատակէր Վեց նահանգներուն մէջ։ Այնպէս որ, «փոքր չափուն վրայ» այդ հարստահարութիւնը իրական էր ալ 1880էն ի վեր։ Ջարդերը փոխեցին մեթոտները ու ամէն թուրք համոզուեցաւ աւելի մեծ ախորժակներուն սրբութեան։ Մինչեւ Սահմանադրութիւնը, հայ-թուրք յարաբերութիւնները նիւթ կրնան տալ սրտառուչ հատորի մը։ Կ’անցնիմ։ Կրօնափոխութի ւ նը մէկն է այդ օրերու ամէնէն տխուր եւ փշոտ հարցերէն։ Քրիստոնեայ Եւրոպային անզօրութիւնն է զսպանակը այն խոր մոլեռանդութեան, որով թուրքերը շրջապատեցին ամէն նման դէպք։ Միւս կողմէ՝ խիստ դժնդակ պայմաններ կը ճնշէ ի ն մեր ազգային մարմինները, որոնք 96ի ջարդերէն վերջ վերադարձ մը ըրին իրենց պապերուն քաղաքականութեան։ Գլուխնին ողջ պահելը հայկական առած է։ Վաճառականը, արհեստաւորը, խանութպանը այդ ճակատին վրայ մէկ կը մտածէին։ Յեղափոխութիւնը Պրուսա պիտի գար 908էն յետոյ, իբր օրինաւոր, արտօնուած կազմակերպութիւն եւ թուրքերուն պիտի ծառայէր պատրաստ պատրու ա կ՝ երիտասարդութեան զանգուածային սպանդին, քաղաքի ն վրայ ժամով հեռու կիրճի մը մէջ, ու կախաղաններու անտառին, զոր 915ի հարիւրապետները պիտի պատրաստէին այնքան դիւրութեամբ, մահուան փայտը հանելով երէկուան մտերիմ հայրենակիցները։ …Ատկէ առաջ, 900ի շրջաններուն, Պրուսայի «մերազնէից» խաղաղ անհնդիր (պրուսացիները փոխանակած եւ խ եւ հ գիրերը, արտասանութեան ատեն) ապրումին համար անհրաժեշտ էր, մեծ դիւանապետին համեստ կարծիքովը, պարպել բոլոր գիւղերը, բնակչութիւնը փոխադրելով քաղաքը, ուր այդ «մերազնէները» շուտով կ’ընտելանային նոր պայմաններու, կը դառնային պարկեշտ արհեստաւորներ։ Այս «եղանակաւ» կը լուծուէր կնճիռը գիւղակ ա ն տեղեկագիրներու եւ կը գտնէին ցանկալի վախճան բոլոր անհաճոյ դիմումները «առ ոտս բարեխնամ կառավարութեան»։

Այս ամէնը, ամէնօրեայ անդաճումներու արդիւնք, կը թարմանային պատուական դիւանապետին մտքին, երբ կնճռոտ հնդիր մը սեղանի ելլէր։ Սակայն ո՛չ հաճի Զաքէոսը, ոչ ալ մեծփոր Գրիգոր աղան չտեսան ասոնց արձագանգը Սուքիաս էֆէնտիի դէմքին, վասնզի երեւելի քարտուղարը մագիստրոսեան կատարելութեամբ մը իւրացուցած էր թուրքերուն խորամանկ խաղաղութիւնը։ Անիկա զանոնք հրաւիրեց դիւանը։

Տասնհինգ տարեկան մանչ մը, աղջկան դէմքով, որուն մազերէն սանտրին ստեղծած հէնքը կը մնար դեռ անաղարտ, օրը կէսէն անցած ըլլալուն հակառակ, առանց գրիչը ձեռքէն ձգելու, գլուխով առաւ պատուիրակութեան բարեւը։ Չէր ժպտած, ինչպէս չէր ալ ելած աթոռէն ` խոր դժգոհութիւն պատճառելով թաղականութեան ատենապետին։

Տէր Մեսրոպը փութացուց գանձանակը։

-Յիշեալ լիջիք առաջի անմահ գառինն Աստուծոյ։

Քթախոտի տո՜ւփ։

Անիկա չհասկցաւ Սողոմենց կնիկին անվարժութիւնը։ Իր գիտցածը ա՛ն էր, որ գեղին մեծ խաթունները բոլորն ալ կը գործածէին «օրհնեալ» փոշին։ Ու չգիտցածը ա՛ն՝ որ Սողոմենց մայրը հաճի աղայի մը կինը չէր։

Խոտին քաղցրացած արտաբուրումը, հետեւող փռնգտուքը, Գրիգոր աղային հսկայ հազը, որ դիւանադարանին ապակիները դողացուց, գրագիր պարոնիկին պաղ ու թթու դէմքը իրարու խառնուեցան։ Որմէ յետոյ՝ տէր Մեսրոպը զանգակի եռակի հնչումով մը անհետացաւ։ Հայր սուրբը կ’ուզէր զինքը։

Անոր բացակայութեան Սուքիաս էֆէնտին սարէն-ձորէն հարցում ըրաւ տէրտէրին։ Բերքը ձիթապտուղը կ’ակնարկէր տուրքերու կանոնաւոր վճարումը, աւազակները, անտառներու շուրջ անպակաս վէճերը, նախիրը, լիճին բարձրացումը, Մուգատայի յետնեալը, թաղականութեան միւս հիստ յարգելի անդամները, անոնց հարսնցու աղջիկներն ու փեսայանալիք մանչերը անցան այդ հարցումները, տնավարի, մարդամօտ, ճանչցող ձեւերով։ Հակառակ ատենադպիր պարոն հաճի Զաքէոսին բուռն ցանկութեան ու անհամբեր սպասումին, որ երկար, պատճառաբանուած, զօրաւոր յարձակողական մը պատրաստած էր Մաթոս վարժապետին ապիկարութի ւ նը պարտիզակեան պերճախօսութեամբ մը «տախտապարող», Սուքիաս էֆէնտին չմօտեցաւ վարժարանական հարցին։ Այս զգուշաւորութիւնը զիջում մը չէր թաղականութեան ատենապետին, որ կը պաշտպանէր «փլած» վարժապետը իր շատ գեղանի ու մատաղ կնիկին էշխին, այլ՝ շատ բարձր քաղաքականութեան մը կտակը, Չամիչեան սրբազանէն, «իր ականջներուն իբր օ ղ անցուած»։ «Անհամակրելի», «անվստահելի», «կործանարար» հաստատութիւններ դառնալու վրայ էին հայոց հին, պատուական, օգտակար վարժարանները, որոնք տէրտէր, տիրացու կը պատրաստէին ու քիչիկ մըն ալ հաշիւի մարդեր։ «Ասկէ աւելին վնասակար էր այս ժողովուրդին», կ’ըսէր ու գլուխը կը թօթուէր թմ թ ռկած այտերով մեծամօրուս արքեպիսկոպոսը, որ «անգօսնելով» Գաւառականի որոշումը (ըստ որում ազգին պետը Վանք է ն դուրս տեղ մը չէր կրնար բնակիլ) ապրեցաւ քրոջը տունը եւ, ըստ բամբասանքին՝ նաեւ անոր անկողինը։ Այս անգթութիւնը, որով մենք մեր ատելութիւնը բացառիկ թոյնով մը կը պատուաստենք, երբ կը հալածենք մեր պաշտօնական մարմինները, արժանի է ուշադրութեա ն ։ Մեր անիշխանական ձգտումներուն առաջին խմորը կը մնայ թաղուած անոր խորը։

Հաճի Զաքէոսը, զայրացկոտ, թուքը կուլ տալէն, հակառակ « Բիւզանդիոն » հայաթերթին ընթերցումովը կլլուած թուելուն, կը թարմացնէր այս աղտոտ յիշատակները, որոնք դեռ չէին չորցած սրբազանին հեռացումէն ետքն ալ, ու կը ծխէր սիկարը։ Անիկա Մաթոս վարժապետին հոյաշէն կինն ալ տեսաւ իր մ ի տքէն, որուն դարպասը կ’ընէին մանարանատէր Խաչիկեաններու չորս եղբայրներէն երեքը, թաղականները ու հոգաբարձու պարոնները մինչեւ որ տէր Մեսրոպը վերադարձաւ։

- Հրամեցէք…

- Հայր սուրբի՞ն, - միջամտեց Սուքիաս էֆէնտին ` աչքին պոչովը ցոյց տալով անգուլպայ, թափթփած կինը։

- Հրամանն է, - դիտել տուաւ արարողապետը, ուսին մէկը քիչիկ մը վեր՝ պիղատոսեան նենգութեամբ մը։ Յատկանշական իր շարժումն էր ատիկա, որով պատասխանատուութիւնը կը նետէր այդ «ուսէն»։ Այս կամակատարութեամբ անիկա յաջողած էր ծառայել բռնապ ե տ Չամիչեանին, պաշտպանել իր պաշտօնը նորին մօտ, հակառակ քահանաներու այնքան հնարամիտ սադրանքներուն։ Տրուած հրաման մը անմռունչ, առանց ծուէն մը անձնական դիտողութեան, անմիջապէս գործադրելով։ Անիկա աջ ձեռքն ալ ձայնի ն պէս պիտի ծռէր քիչ մը ետ։

- Ինչո՞ւս է պէտք…

Յօնքերը վեր-վեր առնելով ու սրբելով քթածայրին սեւ, սուրճի կաթիլի գոյնով պուտ մը բանը՝

-Թող մտածեն հրաման արձակողները։

Միշտ ալ Պիղատոսներ պիտի ստեղծենք մեր անարիութիւնը պաշտպանելու հոգով։

Իրենք համեստ ու հլու ծառայողներն էին հայոց ազգին մեծամեծներուն…

Մարդիկ այսպէս են։ Հինին մէջ այս վիճակը կ’որակուէր «Երկու տիրոջ ծառայել»։ Հիմա, աւելի ճիշդ է տարազը, որ կ’ըսէ՝ «Երկու երեսով»։

-Զարմանալի է շիտակը, սա մեր հայր սուրբը ։

Որո՞ւ կ’ըսէր իր զարմանքը պատուական քարտուղարը, որ առաջնորդին ամէն ներկայանալուն, ոչ մէկ կոճակ կը թողուր անպաշտօն, ու դէ մ քն ու մարմինը կ’ընէր լրիւ պատկառանք, բայց գեղի աղաներու առջին ինքիրեն կը նուիրէր սա զարմանալի անկախութիւնը։

-Տիկինը քովը չէ՞։

-Ինչպէ՛ս թէ ոչ։ Բայց աւելի անոր խնդրանքովն է կ’աճապարէ կոր։

-Զարմանալի, իրա՛ւ որ շատ զարմանալի։

Բայց, հակառակ այդ «զարմանալիութեան», Սուքիաս էֆէնտին «մեծաւ» լրջութեամբ կոճկեց իր փարտըսիւն, տեղաւորեց անթերի, մութ իր ֆէսը, բերելու համար եզերագիծը պայմանեալ կէտերուն, ականջներուն խեչակներէն, ու անձնատուր իր քառորդ դարեան վարժութեանց, դիրք բռնած դուռին ետեւօքը, կիսակործան, ժպտուն, թրքական թէմէննահը հաւաքող կամ արձակող հակումով։

-Հրամեցէք, Գրիգոր աղա…

-Հրամեցէք, տէր հայր…

-Հրամեցէք, պարոն հաճի Զաքէոս

Ո ւ չտուաւ անունը Սողոմենց կնիկին։

- Տիկինն ալ, - միջամտեց արարողապետը։

- Հրամեցէք, խաթուն…

Ու «հրամցուած» խումբը մտաւ առաջնորդին ընդունելութեան սենեակը, անշուշտ «ի մեծ զարմացումն» կիսակործան դիւանապետին։

Կ’անցնիմ արագ ներկայացման մանրամասնութիւններէն, թէեւ ասոնք պատմական մեծ իրողութիւններ էին այնքան դիւրաւ խաթունի վերածուած Սողոմենց կնոջ համար, որ պիտի խօսէր անոնց վրայ, գեղ դարձին, իրապէս ` արմանքով, առաջնորդին հետ քիթ քիթի այդ կնիկին երեսէն։

Տէր Անիքտոսը համբոյրի շարժումը ըրաւ դէպի ազգին պետը, բայց խնայեց իր գեղջուկ շրթները անոր արդէն եպիսկոպոսական ափին, կակուղ ու ճերմակ, ինչպէս պար տ ին ըլլալ այդ ափերը, ու գոհարազարդ, վասնզի ծանօթ էր առաջնորդին «ջղայնութեան», որով այդ ափը պատանիներուն ու երիտասարդ կիներուն կը տրուէր «ի համբոյր», առանց տհաճութեան։ Ը րին անոր պէս միւսները։ Սողոմին մա՞յրը։ Արցունք կար աչքին, երբ առաւ այդ աջը, ուրկէ կախուած էր զաւկին հոգին։

Առաջնորդէն յետոյ տէրտէրը ողջունեց երկու քայլ հեռու, թիկնաթոռի մը մէջ ընկողմանած կինը, որ մէկ ծունկին գիրք, միւսին դրած «աշխարհք մը մատնի», թոյլ հետաքրքրութեամբ մը կը հետեւէր տեսարանին։ Քահանային պէս ըրին պատուիրակութեան աշխարհական անդամներն ալ ` քիչիկ մը շփոթելով իսկ գեղացիի իրենց հիացման մէջ, ու տիկինէն, որուն թարմութիւնը, հագուածքին շքեղութիւնն ու յարդարուն երեսը տպաւորիչ էին խորապէս։ Հայոց առաջնորդը ի՞նչ գործ կրնար ունենալ այս տեսակ «կտորներու» հետ, մտածեց թաղականութեան ատենապետը, որուն կինը սախտած էր մատղաշ տարիքէն։ Հաւանաբար ցուլի ու հսկայի անոր անձէն ու երեսունը հազիւ անցած «հանգստեան կոչուած էր», բժիշկներու վճիռով, ատենապետը «ներքեւ ձեռաց» ազատ ձգելով սանկ անաղմուկ արածելու, տան գործերու օգնող վարձուոր «հարսներէ» ու քեռկիններէ։ Մեր կեանքին մեծագոյն զգացումը դուք ըսէք կիրք՝ բայց ընդարձակելով բառը դէպի իր հին իմաստը ամէն րոպէ ին ք զինքը կը դիտէ ուրիշներուն մէջէն։ Գեղանի կնոջ մը պատկերին դէմ ատենապետը տեսեր էր ողբերգութիւնը իր տունին, զաւկին –անդրանիկին հասուննալը, տարիէն հար սնիքը ու իր կնոջը սառած անկողինը…։ Սողոմին մայրը, քաղքենի կնիկէ իր խորշանքին մէջ ամէն քաղքենի կին առնուազն պարկեշտ պ ո ռնիկ մըն է անոնց ըմբռնո ւ մով–, բերան չէր բացած։

-Մա՞յրն է։

Հարցնողն էր զարդարուն կինը։ Որուն դէմքէն արգահատ ա գին բան մը ուրուացա ւ ու մեռաւ բառին հետ։

-Այո՛։

Աճապարած էր հաճի Զաքէոսը, որ հասակին մէջ յետիններէն ըլլալուն հակառ ա կ, խօսքի մէջ առաջնութիւնը չէր տար ուրիշի, ինչպէս կը սրամտէր տէր Մեսրոպ քահանան, երբ անոր հանդիպումն ընէր վարժարանի փողոցին։

Գրիգոր աղան, ծուռ, չափեց իր դիւանադպիրը, ու խոնաւ, հաստ իր շրթունքը կ’ընէր այսպէս կոկորդին տակ կազմ ու պատրաստ հայհոյութիւնը աւրելու համար։

-Նստեցէ ք, - ըսաւ վերջապէս հայոց առաջնորդը։

Անտրամադիր էր անիկա, խանգարուա՞ծ ըլլալուն իր խօսակցութեան մէջ տիկին Արման Անթուանէթի հետ, որ ֆրանսական հիւպատոսարանին հետ իր սիրալիր յարաբերու թեանց կ’աւելց ը նէր նոյնքան սիրալիր յարաբերութիւններ լուսաւորչական հասարակութեան ականաւոր անձերուն։ Տիկին Արման Անթուանէթ Պայ, Պրուսայի կաթոլիկ հայ հասարակութեան կէս դարէ ի վեր օտարացած մէկ գերդաստանէն սերած, Ֆրանսա ուսած, բայց Արեւելքով խանդավառ կինն էր մետաքսի մեծահամբաւ տան մը կրտսեր եղբօրը։ Ախտավարակ արտաքինով, տարիքէն շատ առաջ ծերացած Պայ մը ասիկա, որ իր մեծ եղբայրներուն աչալուրջ հսկողութեան յանձնած իր մանարանը հօրենական բաժին–, կը զբաղէր ձի նստելով, խուլ իր ականջները դարմանելու համար տարիին կէսը Վիեննա եւ Փարիզ անցընելով, ազատ ձգած իր կինը, իր կարգին արածելու, խելքը հասած ձեւով մը։ Տիկինը, իր տարփանքներէն աւելի շահեկան էր իր տարերկրեայ ախորժակներով։ Կը յաճախէր քաղաքին հին, բիւզանդատիպ կայքերը, ինչպէս մատուռները, այազմա ները, թէքքէները, երկդիմի համբաւով դամբարանները, ընդունելով իր գլխուն վրայ օրհնութիւնն ու ափը շիկամօրուս շէյխերուն եւ թուխ աբեղաներուն ամենազգի ու խորապէս գրաւիչ, արու՝ ինչպէս ընդքարշող անոնց անձերուն մօտութեանը մէջ զգալով ինչ որ Արեւմուտքի ապականած դքսուհիները, պարոնուհիները կը հանէ իրենց դղեակներէն ու կը ղրկէ սա բորբոս ու ս երմ հոտող բոյրերուն վայելումին։ Կ’անցնիմ արագ տիկին Արման Անթուանէթի երաժշտական հակումներէն, որոնք դաշնակէն զզուանքով մը համբաւի ելան ` փնտռելու համար արեւելեան միւս գործիքները, այնքան արիւնոտ, մօտիկ՝ կիներու ջիղին։ Բայց պարտաւոր եմ ճշդել անոր բարի դրացնութիւնը, քանի որ Վանքը կը գտնուի պարտէզին հարաւային պարիսպին վրայ, նորաբաց փողոցին կէսը բռնող իր ապարանքին դէմ։ Վանքին ծառերը մեծկակ պարապ մը կը կազմէին, կարելիութիւն տալով բարձրաձայն խօսակցութեան մը վերէն դէպի վար, կամ փոխադարձաբար։ Տիկինը, այդ շրջանի իր պաշտօնական սիրահարին վրայով կապ էր հաստատած ազգային առաջնորդարանին հետ, ուր պատուակալ դպիր էր, տիկինին պէս Եւրոպա ուսած, կարեւոր հաստատութեան մը վարիչ ու նոյն ատեն պատուակա լ տարփաւոր Արման Անթուանէթի։ Երաժշտութիւն, Արեւելք, կեղծ կամ իրական միսթիսիզմ, հարստութիւն, մարմնական ճոխութիւն, ջղագար առնութիւն, ասոնք բաւակա՞ն են՝ բացատրելու համար սա ժամուն, տիկին Անթուանէթի ներկայութիւնը, առաջնորդին մտերմութեանը մէջ, որպէսզի Կալաթա-Սէրայի ֆրանսական գրականութիւնը Լա ֆ ոնթէնով կլլած մտաւորական եկեղեցականը անդիմադրելի միմ ի քով մը կարդար ու բացատրէր « Ագռաւն ու աղուէսը »ին առակը, սրահներէն դուրս, մինչեւ դէմի պարտէզը հասնող իր բացագանչութիւնները հեշտախառն ակնա ր կով բարեխառնելով…։ Աւելցուցէք բացառիկ ալ պարագան, Սողոմին տաճկընալը, որ բանտէն դուրս ելլելով հասեր էր հիւպատոսական եւ պապական շրջանակներու։ Տիկինը ճարտար տաղանդով կը շահագործէր պատահարը, կապ մը ծառայելով ընդմէջ պապական նուիրակին եւ հայոց առաջնորդին, իրականին մէջ զարգացնելով իր իսկ կապը, բաւական դժուար որակելի։ Դժուար է ճշմարիտ պիտակով մը տարազել սա համակրութիւնը, որուն մէջ տարփավառ, անյագուրդ, գրեթէ իսթէրիք կին մը եւ ջիղերէն զարնուած, գոնէ անոնց մէկ քանի կեդրոններէն խորապէս խանգարուած այր մը իրար կը փնտռեն ճշմարիտ տարփանքի մը տենդով, բայց կը մնան հոդ, յաւիտենական խուզարկու, չանցնելով սահմանը զգայարանական խռովքին։ Եթէ տիկին Անթուանէթի ախորժակները պայծառ էին բաւական, ոչ ոք ստոյգ բան մը գիտէր պայմաններուն վրայ, որոնք սքեմ ընդունելու մղած էին, Կալաթա-Սէրայը պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտած, Պոլսոյ փաստաբանական համալսարանէն վկայուած, չորս-հինգ լեզու խօսող ու գրող սա երիտասարդը։ Ի՞նչ էր գործը ասպարէզի մը մէջ, ուր ամէնէն քիչ օգտագործելի տուրքերը կը չքանային ինքնաբերաբար։ Աշխարհական անոր կեանքէն արձագանգ մը չէր հասած մինչեւ Պրուսա։ Բայց Չամիչեանի օրինակը ու, մա՛նաւանդ՝ անոր ձեռնասուն պզտիկ վարդապետին լեցուն, աշխարհիկ, փայլուն տիպարը հասկնալի կ’ընէին ան միւսները, Պոլիս ծնած, ուսում ըրած, յետոյ շատ հաւանական արկածի մ ը գնով, խոր ու ընկլուզող պայքարէ մը ետքը, մեռնելու համար սքեմին վազող երիտասարդները, որոնք մեր բարձր հոգեւորականութիւնը պիտի կազմէին Համիտի շրջանին։ Կրօնքի մարդ ըլլալէ աւելի՝ քաղաքական պաշտօնեաներ էին ասոնք, ու Պոլսոյ եկեղեցիները՝ անոնց համար մէյ-մէկ քէօշկ։ …Ու գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ, կիներու մարմինէն խոր զզուանք զգացող առաջնորդը կը բ ամբասուէր տիկին Արման Անթուանէթ Պայի հետ։ Ո՛չ քահանաները, ո՛չ խոհարարը, ոչ ալ Վանքին ծերունի սպասաւորը, դասական վստահութեամբը հանրային սպասաւորներու չհերքեցին այս զրոյցները։ Աւելի՛ն. արհեստաւոր, խանութպան ու ջրհանկիր դասն ալ բամբասանքը կը տանէր դէպի օգնական քարտուղարը, որ իր ձայնին համար (տղան «քաջոլոր ձայնի» երաժիշտներու սերունդէն էր, որ երկու դարու անցեալով մը հպարտ էր՝ ժամուն տուած ըլլալուն շարք մը համբաւեալ դ պ իրներ) մուշտակագործի իր խանութէն վերցուելով փորձեր էր դպրոց, աւարտեր անոր ընթացքը, ուսանողութեան շրջանին ցերեկները ուտելով առաջնորդին հետ, աւելի յետոյ՝ կարգուելու համար օգնական գրագիր խիստ պատուական, անզուգական Սուքիաս էֆէնտին։ Անշուշտ բամբասանքը միշտ բամբասանք է։ Ու դժուար է անոր հետեւիլ։

-Նստեցէք։

- Նստեցէք, - երկրորդեց գեղանի կինը, իբր արձագանգը հայոց առաջնորդին։

Սողոմենց կնիկէն զատ միւսները նստան, աչքով ու յօնքով թելադրելով անոր, որ տեղ մըն ալ ինք նստի։ Ոտքի, անոր տարազը, կարճ փէշէն ատեն-ատեն նշմարուող վարտիքին խարզած մասեր, ա նխնամ, խճուճ մազերը կը ստեղծէին խոր ու թշուառ տգեղութիւն մը։

Անգուլպայ ոտքերը, կրունկներուն զառիթափէն ակօս-ակօս, սեւ ու քարացած գիծերով, այդ տգեղութեան կը բարդէին զզուագին միւս բանը, որ աղտոտութիւնն է կնկան մը վրայ, լաթերուն, սեռին աշխը։ Սպաննէիք՝ անիկա պիտի չդնէր այդ մարմինը սա աթոռներուն ` հայլիի պէս փայլուն կռնակով։ Ճիշդ քովին՝ թաւիշ քանափէն, որուն կերպասին վրայ խաւերու ծփանք մը ալեկոծ բան մը կը ցոլացնէր, փոխն ի փոխ դալուկ, պղտոր կամ արենավառ։ Մեծ գորգը «կը ծփար» մաքրութենէն, ինչպէս կը սիրէին պարծենալ պրուսացի տիկինները, իրենց հանգստաւէտ տուներուն անթերի մաքրութիւնը պատմելով իրարու։ Ամէն օր անոնք խնամքով պիտի լուային տունը, բակը՝ մշտահոս իրենց աղբիւրները օգտագործելով։

- Գրիգոր աղան, - սկսաւ հայր սուրբը ու չէր գիտեր, թէ ինչո՛ւ քահանային չէր ուղղեր խօսքը, - գիտէք հարկաւ, թէ ժամանակները որքան փափուկ են հիմա։

- Կատարելապէս, հայր սուրբ, - փութաց պատասխանել ատենադպիրը, կանխահոգ համաձայնութեամբ՝ ատենապետին փոխարէն, որ պարզ աղա՝ վախ ունէր լեզուով փայտ կոտրելու ու տակաւին գեղէն իշխանութիւն էր տուած քարտուղարին, իր կողմէ յարմար պատասխան ճարելու հայոց առաջնորդին։

- Կատարելապէս, հայր սուրբ, - ստիպուեցաւ կրկնել ատենադպիրը հասկնալ չուզելով թթու նայուածքը վարդապետին, որ չափեր էր, վերէն ու պերճ, սա գեղացիին կտորը (ի՜նչ իմանար անիկա Պարտիզակէն ու ազգային պատմութեան դասերէն), էշէն առաջ ախոռը մտնող, ինչպէս կը սրախօսէին քաղաքացիները ` պատկերելու համար խօսքի չկանչուած՝ խօսքի մտնող շատախօսութիւնը։

Առաջնորդը յաջողեցաւ զսպել իր տհաճութիւնը ու շրթները ծամելով նշա՜ն, թէ ջիղերը ճամբայ ելած էին շարունակեց իր պաշտօնական, դիւանագէտ ու հիմնովին պարապ փաստարկութիւնը։

- Ազգային հարցերը մտած են շատ փափուկ փուլի մէջ։ Մեր յանցանքներով վրդովեցինք մեր հանգիստը։

Ատենադպիրը յօնքերով կը հերքէր այդ մտածումներուն արժէքը, քանի որ առանց յեղափոխական ըլլալու՝ չէր հաւատար իր ժողովուրդի մեղքին, ու Ջարդերը կը վերագրէր մեր յանցանքներէն աւելի թուրքին մշակոյթին։ Բայց խելքը ունեցաւ յօնքերէն լեզուին չիջնելու։ Օտար տիկինի մը քով խենթութիւն էր թուրքը մեղադրել։

- Նոր խնդիրները, - շարունակեց առաջնորդը, - պատճառ կրնան դառնալ շատ անախորժ բարդութիւններու, խիստ ցաւալի հետեւանքներով։ Ատոր համար ալ ձեզ կանչեցի, որպէսզի տեղեակ մնամ։

Ու չէր անդրադառնար, որ իրաւագէտ, լեզուաբան, շատ մը յօդուածներ ստորագրող եկեղեցական՝ ինչ աստիճան թեթեւ, անիմաստ, անպէտ բաներ կ’ըսէր սա մարդոց՝ տասը ժամ հեռուէն քաղաք իջած, որոնք մոլորեալ ոչխարին առակը խօսեր էին իրարու, կառքին դադարին ու «յոյս մեծ» ունէին կորսուածը փարախ տանելու։

- Դժբախտաբար, տղուն յայտարարութիւնները վճռական են եւ ասկէ յետոյ յոյս չեն թողուր, որ…

- Դուք անձնապէս լսեցի՞ք զանոնք իր բերանէն, հայր սուրբ, այդպէս արտայայտուելու համար, - միջամտեց քաջարի տրիբունը, որ կ’եփէր իր աթոռին վրայ։ Կաթսաներով ճառ ու քարոզ (գեղացին քանակի նմանութիւնները կ’առնէ հարսնիքներու մեծ խալկիններէն, ուր բեռնով կը թափեն բրինձը) ու վիճաբանութիւն մամուլի էր դրած իր ափ մը գանկին ներքեւ, կրկնելու համար սրամիտ հեգնութիւն մը, որով կը ծաղրուէր երանելի ընդդիմախօսը, գեղին հիներէն։ Զուր տեղը չէ՜ր, որ հիմկու նոր ժմնուկ տղաքը Պարտիզակ կ’երթային, ատենախօսութիւն, ազգային պատմութիւն, դիւանագիտութիւն եւ լրագրամոլութիւն կը սորվէին, անուանի կամ համեստ, բազմավաստակ կրթական մշակներէ, այնքան առատ՝ այդ զարգացած գեղին մէջ։

Երկրորդ, բայց աւելի թթու նայուածք մը, զոր վիզի կիսոլոր ծռում մը կ’ընէր յայտնապէս սպառնալից (ատիկա կը հասկնային առաջնորդին հետ մօտէն շփուողները միայն ու կ’ընէին կարելի զիջում՝ խնայելու համար վերահաս տագնապը անոր ջիղերուն), չափեց, գամելու պէս խիստ՝ քաջարի տրիբունը, որ նայուածքին ու շեշտին մէջ գտեր էր այնքան դիւրաւ կնիքը իր անկորուստ անձնականութեան, ուրիշները ճաթեցնող ինքնավստահութիւնը, ինքնագոհութիւնը իր կարճ ու ճղճիմ արտաքինին մէջ այնքան վիրաւորող, երբ, հակառակ այդ ափ մը գանկին, պտղունց մը խելքին ու շերտ մը մարմինին (գեղացին կ’ըսէր լիւմէ, որ կը նշանակէ մորթուած ոչխարի մը կէսը) ու աղքատութեան, նոյնիսկ ատոնցմով շփացած, կը նետէր ոտքը ոտքին ու, չաթըռ-չաթըռ, փապուճի պէս լեզուն դուրս ձգած՝ պատասխան կու տար դեղ կուլ տուողներուն, դուք հասկցէք՝ աղաներուն, լուն վերածելուն ուղտի, ու պզտիկ, աննշան զեղծում մը կամ թերացում մը թմբուկով ծանուցանելով սրճարանէ սրճարան, կատարելապէս արժեցնելով իր սիրական տիտղոսը, աղքատին լրագիրը ։ Ճիղճ մարմինի, կեղծ խելքի սա մեծաբանութի՜ւնը։ Որքա՜ն շատ էին առիթները անոր փառքին։ Հայոց առաջնորդին ներկայութիւնը (ինք կ’առնէր տաճկական մեծ բառ մը՝ հուզուր ը 9, հեգնելու համար զայն) անշուշտ աւելի չէր արժեր, քան գայմագամին պաշտօնասրահ, ուր անիկա քոմիթաներու խնդրին ատեն, չէր վախցեր ծառանալէ անիրաւ վերագրումներու, որոշումներու դէմ, կերեր ծեծը փառաւոր տեսակէն, ճաշակեր շաբաթներով բանտը եւ սղոցները անոր ոջիլներուն, բայց չէր դաւած հասարակաց շահուն։ «Պզտիկ մարդոց մէջ գոմշու սիրտ մը պառկեր է», ըսեր է գեղացին` ապահովաբար հաճի Զաքէոսի նման ուրիշ հերոսի մը մեծագործութիւնը առածելով։

-…Այնպէս որ, ձեւակերպութեան համար միայն, այսօր իսկ պիտի երթաք բանտ, տղան տեսնելու վերջին անգամ։

Չէր տեսա՜ծ տրիբունը։

- Հարկ է ըլլալ զգոյշ, մա՛նաւանդ ճկուն, չգրգռել անոնց մոլեռանդութիւնը։ Տէրը անշուշտ իր «անհասանելի կամօք» տնօրինած է այդ ամէնը։ «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցին»։

- Ամէն…, - հազիւ կրցաւ արտասանել հայհոյիչ ատենապետը, որ կը հասկնար գրաբար ու կը գործածէր հռչակաւոր նախադասութիւնը, խոր իր դժբախտութեանց եզերքին, մեղքի մը դուռը գոցելէն ետքը։ Որո՞ւ տնօրինութեամբը իր կինը պիտի իյնար այսպէս անպէտ, ցաւագար, երեսունը հազիւ անցած, երբ ուրիշներուն կնիկները, այդ տարիքէն ետքը կը սկսէին թաւնալ, աղուորնալ…

- Պիտի երթաք տէր Անիքտոսին եւ մօրը հետ։

«Խաղաղութիւն ամենեցուն», ըսած է մեր եկեղեցին, հաւանաբար մեծ փոթորիկէ մը ետքը, որ կը զարնէր մեր ժողովուրդը։

«Խաղաղութիւն ամենեցո՜ւն»։

Անշուշտ, եթէ ատենադպիրը ըլլար սովորական սատանայ մը։ Անիկա հասկցաւ նախատինքին չըսուած մասը ու գրեթէ վիրաւորիչ շեշտով մը ճուաց.

- Իսկ ե՞ս։

Չէր կրցած դիմանալ անարգուած տրիբունը ու ըրեր միջամտութիւնը այնքան ուժգին, որ կտոր մը թուք թռած էր նստելու առաջնորդի ճիշդ քիթին։ Անոր հերձատամներուն երկուքին մէջտեղ բնական բացութիւն մը պատճառ էր այս անախորժ երեւոյթին, որ կը կրկնուէր ամէն ուժգին յուզումի առիթով։ «Թուքոտ»ը պարզ մակդիր մը չէ, այլ խօսքի մէջ իյնալու թերութիւնն ալ կը ծաղրէ նման բերաններէ։

- Դո՞ւն, ճեհեննէմին պուճախը, - պոռաց հայոց առաջնորդը, բոլորովին դուրս ինքնիրմէ, խրտչած՝ քիթը այրող թուքի պղպջակէն։ Անոր մանր երեսին (մօրուքը գրաւած էր մեծ մասը) բուսան ջղային ոլորքներ։ Մէկ յօնքը կ’ելլէր ու կ’իջնէր։ Մուշտակ իր վերարկուին մէջ անիկա նեղ կը զգար ինքզինքը, աղտին հետ շփուելու զգայութենէ մը հալածուած։

- Ի՞նչ կը մտնես խօսքի, երբ քեզի բան չեն հարցներ։

Ու զարկաւ ձեռքը սեղանին, որուն վրայ ապակեղէն առարկաներ մանր հնչումով մը դող առին։

Բայց ջիղերը ելած էին ոտքի ։

Հրեայ խախամի մը պէս մուշտակին փէշերը իր ծունկերուն վրայ փակելէ ետքը՝

- Ուրկէ՞ բերիք այս կարճ փորձանքը։

Կը դողար ամբողջ մարմինովը։

Բայց ամէն մարդ իրեն համար, հայոց առաջնորդին լեզուն ալ իրեն համար։ Ատիկա մարսելի չէր քաջարի տրիբունէն, որ, «կրակ կտրած»՝ նետուեր էր ոտքի։ Ձեռքը ընդ առաջ՝ ինչպէս Տանթոնն ըլլալու էր Ֆրանսական Յեղափոխութեան ատեն, Ազգային ժողովի սրահին մէջ, ինքզինքը ամբողջութեամբ թեւ մը, մատ մը ընելով, ծանր բառերը առատ թուքով մը եղելով, որպէսզի «աւելի փափուկ կլլուէին», անիկա յայտարարեց.

- Դուք չունիք իրաւունք նախատելու ժողովուրդի ոեւէ անհատը, նոյնիսկ ամէնէն աղքատն ու համեստը։ Ու չունիք մա՛նաւանդ իրաւունք այսպէս հրապարակաւ, յատենի ժողովոյ վիրաւորելու ազգային պատուիրակութեան մը անդամը։ Դուք Ազգային Սահմանադրութեան շատ բացորոշ մէկ յօդուածովը ծառան, սպասաւորն էք ազգին, ու երբեք՝ անոր տէրը։ Նախագահը անոր ժողովներուն, գործադրիչը՝ այդ ժողովներու որոշումներուն եւ ուրիշ ոչինչ։ Ի կարգ կը հրաւիրեմ ձեր ամբարտաւան միամտութիւնը։ Չարաչար կը սխալիք, երբ կը յաւակնիք ոտնակոխ ընել ժողովրդեան իրաւունքները ու ձայնը։ Իսկ անորակելի է ձեր վարմունքը մարդեր վիրաւորելու յանցանքներո՛ւ համար, որոնք Աստուծմէ կու գան։ Կը բողոքեմ, պաշտօնապէս, ի ներկայութեան արժանահաւատ սա վկաներուն ձեր այդ տգեղ, տմարդի, կոշտ յանցանքին համար։ Կը բողոքեմ մինչեւ ազգային պատրիարքարան եթէ հարկ ըլլայ։ Ի վերջոյ՝ ո՛վ կը կարծէք դուք ձեզ։ Իմ հայրը Բարթողիմէոս սրբազանն անգամ յարգանքի կանչած է մեր իրաւունքներուն ու չէ վճարած, իր գանձապետութեան օրով, մուգատաները, որոնք ժողովուրդին քսակէն բռնի կորզուելով եկան սա մարմարները փռելու ձեր թաւշապատ, ծաղկեպաճոյճ հողաթափներուն։ Մեռած չէ որդը սա ազգին սրտէն ու դուք պարտաւոր էք հաշուի առնել անոր սաստն ու զայրոյթը։ Պարտաւոր էք ետ առնել ձեր նախատալից յայտարարութիւնը, սակայն։ Ես Պարտիզակի վարժարանը աւարտած եմ եւ դաս առած ազգային պատմութիւն, մա՛նաւանդ վերջին շրջանի, ամիրայական բռնակալութեանց անհատնում շարքը բազմավաստակ ուսուցիչ Գ. Մխալեանէն ու կատարելապէս տեղեակ եմ ազգային պաշտօնեաներու որոնցմէ անարժաններէն մէկը կը մնաք պարտքին եւ իրաւասութեանց։ Մենք եկած ենք ձեր պաշտպանութիւնն ու խելքը փնտռելու մեզ խոցող հարցի մը մէջ եւ դուք մեզ կը նախատէք։ Ասիկա լրում ն է ապօրինութեանց։ Բացարձակապէս կը բողոքեմ այս արարքին դէմ։ « Բիւզանդիոն »ի մէջ դուք կը կարդաք իմ բողոքը եւ կը ստանաք ձեր ջախջախիչ պատիժը միւս ուսուցիչէս, որ կը խմբագրէ « Մանզումէ »ն, նոյնքան մեծահմուտ դաստիարակ, որքան կորովի հրապարակագիր։

Նստաւ անիկա, ծունկը ծունկին վրայ։ Դեղներ էր։ Ու շրթներու անկիւնակապին փոքր պղպջակները բարակ ջուրի էին վերածուեր։ Հռետորական այս ելոյթը տարօրէն խոտոր կը համեմատէր անոր դէմքին քիչ մը չուառ արտայայտութեան։

-Լսեցի՞ր։

Խուլ, հազիւ լսելի սա ձայնին հետ հայոց անարգուած առաջնորդը մատին ծայրովը դպեր էր կոճակի մը։

Դուռը բացուեցաւ։

Սեմին, դուռին վերջամասը շօշափող հասակով՝ հսկայ մը։

Տաճիկ ոստիկանի համազգեստը զայն կ’ընէր, առանց այդ նուաճող մարմինին, ինքնին ահարկու՝ որքան անդիմադրելի, հեռուէն անգամ։ Ձեռքերը փորին, աչովի փնտռեց ու թափանցեց։

Խոնարհութիւն մը։ Ու անցաւ առաջ։ Հայր սուրբին աչքը զայն կ’ուղղէր դէպի քաջարի տրիբունը։ Անիկա կռնակին կողմէն մատը անցուց ատենադպիրին օձիքին ու հանեց ոտքի։ Հայր սուրբը շարժեց կէս դէմքը։ Բարապանը, առանց ձայնի, մեղմ, հրեց տրիբունին թիզ մը հասակը դէպի ետ ու ելաւ դուրս։ Իր հսկայ թեւերուն մէջ կորսուած էր փոքր մարդուն «կանգուննոց» հասակը։

Ակնթարթային սա արագութիւնը, աղմուկի եւ ընդդիմութեան պակասը բացատրելի էին տարազին ուժովը։ Առաջնորդները, թուրքերու յանձնարարութեամբ, կը գործածէին այդ գաւաս ները, որոնք անոնց կառքերուն առջեւ կառապանին քով կը դնէին իրենց այդ հսկայ, համազգեստաւոր իրանները, երբ գործով իջնէին կառավարատուն, եպիսկոպոսին, հայր սուրբին ասան ամուր բռնած իրենց թեւերուն։ Ոստիկանին սարսափը ա՛լ մտած էր բարքերու մէջ։ Հաճի Զաքէոսը չըրաւ ընդդիմութիւն, վասնզի փորձն էր առած այդ ուժին, ուսումնակից ուրիշ պարոնի մը հետ, հանրահռչակ Գրիգորին, որ քաջածանօթ էր իբր ընդդիմադիր, Պարտիզակ ըրած՝ հաճիին պէս, հետեւաբար, պատմագիր, ազգասէր, ու նմանութեան կատարելութեան համար ալ՝ անոր պէս թուքոտ (ակռաները թափած էին չբուսած) ու յաւիտենական թեկնածու հոգաբարձութեան, պաշտօն, զոր կը վարէր առ առաւելն երկու ամիս, մեծադղոր դ հրաժարականով մը վերադառնալու համար քննադատի իր ընդդիմախօսութեան։ Ան ալ կերած էր ծեծը, քոմիթաներուն խնդրին մէջ, բաւական տպաւորիչ ելոյթէ մը վերջ, ու զգաստացած։

Դուռը գոցուեցաւ։

Ներկաները սառած էին։

Բայց աւելի ողբալին, ջիղերը առաջնորդին, որոնք «չէին գոցուեր», մանր անոր երեսին փոթ-փոթ գիծեր կազմելով եւ կոպերը հաներ էին անգիտակից բաբախումի, չարագուշակ՝ ձախ աչքին վերեւ ըլլալուն։ Ու անոնց ճեղքէն ցաւագին արիւնի մը մէջ բռնուած կ’երեւէր ճերմկուցը։ Պատուիրակութեան միւս անդամները չունեցան համարձակութիւն շարժումի՝ ինչպէս խօսքի։ Ատենապետը, սա «սրբազան» զայրոյթին դիմաց, սաւանի ծաւալով իր թաշկինակը հաներ էր մէջքէն ու դրեր ճակտին, «կալ մը» երեսներուն, զետեղելու համար զայն մէկէ աւելի վիզերուն տակ «ջուրը ծծելու»։ Ծով քրտինքի մէջ էր ան։

Տիկինը, առանց շուարման ու կիրքի, ելաւ ոտքի։

Կը թուի, թէ ծանօթ էր բաւական այդ «միջավայրին», վասնզի կանանչ ծածկոյթով մեծ սեղանի մը գզրոցին, իբր թէ իրը ըլլար, հանեց փոքր սրուակը ու երկարեց, կիսաժպիտ, կարեկցուն, օծուն մեծաքիթ եկեղեցականին, որ աչքերը խուփ՝ անոր սիրուն ու նրբին ճիտիկը դրաւ ռունգերուն։

Կիսովի այսպէս հակած անոր գլուխին վրայ։ Պատուիրակութեան մնացեալ անդամները նո՞ր տեսան սեւ թաւիշէ գդակը, զոր կը զարդարէին զմայլելի աղաւնեակներ, կտուց կտուցի, սիրուն բոյնի մը եզրին, որուն խորէն երկու հաւկիթի կիսագնդիկները կը ճերմկէին թեթեւօրէն կապտաւուն…։ Ո՞վ էր բանած այդ թռչնիկները, մա՛նաւանդ անոր կտուցները իրարու հիւսող լքումին, մատուցին մէջ դրած անթարգմանելի, բայց տարօրէն իրաւ այն խռովքը, որ շինական քահանային ողնուղեղն իսկ թափանցեց։ Թաւիշին միւս մասերուն՝ պարտէզ, որսորդ, հրացան…։ Դիտելու լայն ժամանակ ունեցող անոնց աչքերը գլուխէն ինկան ոտքերուն, որոնք նոյն թաւիշով, ուրիշ զարդով հողաթափներ կը կրէին։ Ու խեղճ տէր Անիքտոսը, տուն մը զաւակով (ինք կը նայէր չորս աղբարներուն բանակ մը ճիժերը) ու աննախանձ բարութեանը հակառակ, չկրցաւ չտեսնել իր ալ հողաթափները, որոնց երեսը հաներ էր ձեռքովը, բզիկ-բզիկ, նետուած կապերտի մը կտորներէն, տէրտէրութեան առաջին տարիին ու կը նորոգէր ամէն Կաղանդի։

Դուռը կրկին բացուեցաւ։

Բարապան հսկան, ձեռքերը պատուի դիրքով։ Առանց բառի։ Առաջնորդարանի բարքերէն, սա լո՜ւռ տեսարանները։

Եկած էր հրահանգ առնելու. բա՞նտ, թէ վտարում։

Առաջնորդը, հանգչած, տուաւ սրուակը տիկինին։ Միւսները շունչ առին։ Թեթեւ խաղաղութիւն մը կ’ողողէր անոր դէմքը։

Ջարդերու արդիւնք, ազգէն կողոպտուած հեղինակութիւնը անցեր էր անոր կրօնականներուն, որոնք ամիրայական օրերուն հոգեբանութեամբ մը տարին ազգին գործերը բռնակալութեան շրջանին, կռթնելով կառավարութեան ու անգիտանալով իրենց լքուած ժողովուրդը։

Պրուսայի առաջնորդը դաւաճան մը չէր՝ ինչպէս սովորութիւն է որակել իր նախորդը։ Բայց վաւերական ջղագար մը, որ իր զոհողութիւնը պիտի չներէր իր ժողովուրդին։ Իր կրթութիւնը, պոլսեցիութիւնը մոռնալ չկրնալով ու փաստաբանական բարքերով վարեց իր հօտը, երբ կարիք կար ուրիշ տուրքերու, ամէնէն շատ ցաւի հանդէպ բաբախուն հոգիի, խաւարամած սրտերը պահող ու լաւ օրերու յոյսը անվթար պահող։ Նուիրեալ եկեղեցականի պակասը նոր օրերու մեր պատմութեան յաճախակի երեւոյթներէն մէկն է։

Անիկա հրաման ըրաւ իր բարապանին հեռանալ։

Դուռը գոցուեցաւ նոյն երկիւղածութեամբ։

Այս « ց աւալի միջադէպէն» քանի մը վայրկեան յետոյ, հայոց առաջնորդարանին մէջ «կատարեալ անդորրութիւն կը տիրէր», ինչպէս կը տիրէր, Պոլսէն տրուած պաշտօնական զեկոյցէն տասնըհինգ կառավարութեանց մօտ։

Ազգին պետը, անշուշտ քրիստոնէական անյիշաչարութեամբ, փափկանկատ եղաւ «ցաւալի միջադէպը» իր բնական հետեւանքին չառաջնորդելու։ Իր բարձր կրթութիւնը զինքը կ’ընէր վեր մանր քէներէ։ Անիկա առիթը շահագործեց ողբալու մեր ցեղային անիշխանութեան վրայ, որ մեզ իրարու դէմ կը վերածէ առիւծի, բայց օտարին շուքէն իսկ՝ լեղապատառ փախստականներ։ Հայոց առաջնորդը, իր անձէն անկախաբար, նուիրապետական իմաստ մը կը ներկայացնէր, զոր այս ժողովուրդը գնահատելու պարտքը ունէր, օտարներու զօրաւոր կարգապահութեան դիմաց։ Անիկա օրինակներ բերաւ հրեաներէն, յոյներէն, նոյնիսկ անգիր ալպանացիներէն, կուսակալութեան մէջ բազմացած հորդաներ, որոնք մոգական հրամանով կը հնազանդէին իրենց մեծերուն։ Այսպէս պիտի փակուէր այս «ցաւալի միջադէպը» (տիկին Անթուանէթի տարազը), որ անտեղի կերպով ընդմիջած էր բարձր ու հրատապ աշխատանքը հաւաքական տագնապին։ Խօսելու վերսկսած պահուն հայր սուրբին ջիղերը մեղմ էին, գարնան հովէ անցած ծիլերուն նման։

-Տէր հայր, դուք ալ գիտէք, որ նմանօրինակ խնդրոց մէջ մեր ձեռքէն ոչինչ կու գայ։ Ժամանակները այնքան դժուարացած են։ Թող վկայէ տիկինը, որ ճիշդ նոյն խնդրով ուղարկուած է տեղուոյս ֆրանսական հիւպատոսին կողմ է ։

-Դժբախտաբար, - խօսք առաւ տիկին Արման Անթուանէթը ձայնով մը, որ կը ջանար հայ մնալ, բայց խաթարուած էր խորապէս ֆրանսական շեշտէն, - թուրքերու մոլեռանդութիւնը գրգռուած է չափազանց։ Ու Chose à retenir, դուրսէն միջամտութիւն, մա՛նաւանդ լատինական նուիրակէն, կարծես կը հրահրէ այդ զգացումը անոնց մէջ։ Մոնսէնեօռ Բռիէն անգամ, հակառակ իր խոր տարիքին եւ սրբազան դիրքին, տեսակ մը նախատինքի ենթարկուեցաւ այս խնդրոյն մէջ իր ցոյց տուած քրիստոնէական հետաքրքրութեան համար։

-Դուք չէք ճանչնար մոնսէնեօռ Բէռիէն, - միջամտեց առաջնորդը, -տեղուոյս լատին հասարակութեան մէջ խիստ յարգուած արքեպիսկոպոս մըն է ու նոյն ատեն ներկայացուցիչը սրբազան Պապին։

Կ’ըսէր այսպէս, հաճոյք պատճառելու համար տիկինին, որ նման ամէն կաթոլիկի, հոգեւորականներու գովեստը կ’ունկնդրէր երկիւղած։

-Ու հակառակ այս հանգամանքներուն, չէ ընդունուած կուսակալէն։

-Ներողութի՛ւն, - համարձակեցաւ վերջապէս թաղականութեան ատենապետը, - մեր պատրիարք սրբազանը բան մը չկրցա՞ւ ընել…

-Մեր պատրիարք սրբազանը այնքան մեծ է փորո վ, որ այս տեսակ փշոտ հարցերու մէջ զգոյշ է իյնալէ։

Ու անդրադարձաւ, որ քիչ առաջ իր դատապարտած թերութիւնը ինքն էր, որ կ’ընէր իր մեծաւորին հանդէպ։

-Կուսակալը մօրմէն ու տաներէց քահանայէն զատ ուրիշ ոչ մէկուն չի թոյլատրեր մօտենալ տղուն։

-Ո՞ւր է հիմա տղան, - հարցուց յայտնի վախով շինական տէրտէրը, որ վերյիշեր էր պապ բառը, Խորէն Նար-Պէյի Կրթական էն։ Ծեծ էր կերած այդ դասը սորված չըլլալուն ու այդ ցաւին մէջ անիծած՝ բոլոր պապերը։

-Բա՛նտը։ Ո՛ւր ըլլայ։

-Բա՞նտը։ Հապա ըսին պալա՞տը։

Մայրն էր, որմէ սա ձայնը անակնկալ, որքան միամիտ, չես գիտեր ինչո՛ւ յուզեց գեղանի տիկինը։ Անիկա չախորժեցաւ բացատրութենէն, որ հայր սուրբին զգուշաւոր քաղաքականութիւնը կը յատկանշէ, պալատը կառավարական պաշտօնատուն թարգմանելով։

-Ըսին ազատ է, պալատի մէջ…

Կրկնեց մայրը։ Ներկաները զգացին, որ միայն անոր ձայնին մէջ կար սրտաճմլիկ, խորապէս յուզիչ շեշտը։ Ուրիշները՝ օտարներ։ Մայրը՝ մայր։

-Հիմա ոչ, տիկին, բայց պիտի ըլլայ, ինչպէս կ’երեւի։

Միջամտողն էր տիկին Անթուանէթը ` աչքերը կեդրոնացնելով մօրը աչքերուն, որոնք չէին նայեր։

- Պիտի ըլլա՜յ։ Ե՞րբ։

Միամիտ, որքան տխուր սա հարցականը մնաց անպատասխան։ Վարանումը հոգեկան պահանջ մըն է «ինչ-ինչ պարագաներու»։

-Առանց ատոր չունի ազատում։

Տիկինն էր նորէն, որուն մէջ անորդի մօր մը տառապանքը թարմացեր էր յանկարծ։ Մեր միտքին քմայքներէն մէկն է սա արագութիւնը, պատշաճեցումի դիւրութիւնը։ Ան ինքզինքը տեսեր էր զաւկի տէր, բերած զայն մինչեւ Սողոմին տարիքը ու այսպէս ստիպուած, իր ձեռքովը զայն թուրքերուն յանձնելու։

-Այո՛, չունի, - հաստատեց հայոց առաջնորդը, յանկարծակի շրջումով մը, տ ր տմելով աւելի՝ քան տարողութիւնը իր դիմակին։ Հակառակ իր «շնորհին» (այս բառով անիկա կը հասկնար զոհը իր անձին) ու փաստաբանական կրթութեամբ մը պայմանաւոր աներեսութեան, արդիականութեան, հայր սուրբը իւրացուցած էր ասպարէզին խոշոր գիծերը։ Առանց կեղծաւորներ, ցուցարարներ (poseur) ըլլալու, եկեղեցականները իրենց լայն գրպաններուն մէջ կը պահեն մէկէ աւելի դիմակներ։ Ցաւա կ ցութիւնը, սփոփանքի կիսատրտում ու մեղմ ու օծուն ու վայելուչ կեցուածքը այդ դիմակներուն ամէնէն տպաւորիչը կը մնան։ Հայոց առաջնորդ հայր սուրբը, աւելի վերջը եպիսկոպոս, Պոլսոյ պատրիարքութեան տեղապահ, «լցեալ աւուրբք», անպաշտօն քարոզչութեան շրջանին անգամ հաւատարիմ պիտի ըլլար երիտասարդական իր առաքինութեան, հովանոցը անութին՝ չափչփելով Բերայի եւ Բանկալթիի փողոցները, դուռնէ դուռ հարցնելու համար որպիսութիւնը տիկիններուն, անշուշտ քիչ անգամ ներս մտնելով, ու անոնց փորին վիճակին ու տեռատեսութեան աստիճաններուն մասին ապահովիչ լուրեր առնելէ ետքը միայն, ինքզինքը հանգիստ ու երջանիկ պիտի յայտարարէր…

-Տաճկընալով կ’ազատի։

Մայրն էր կրկին, որ հրաշքով կը հասկնար իրեն գրեթէ օտար սա լեզուն, որ տիկին Անթուանէթի բերնին մէջ կը պղտորուէր ֆրանսական շեշտով եւ կը կնճռոտէր առաջնորդին ալ խռուաթել մօրուքէն, կիսովի ցանցուելով։

հարկէ կ’ազատի։ Ու բան մըն է ատիկա։

-Ի՞նչը, - հարցուց մայրը, իյնալով նորէն գեղացիի իր թանձր անհասկացողութեան մէջ։

-Ապրիլը, տիկին։

- Ապրի՞լը։

Լարեց անիկա աչքերը։ Խորունկէն բան փնտռողի սա արձանացումը տպաւորիչ էր սակայն։ Փնտռա՞ծը։ Անշո՛ւշտ բառ ու տարազ, որոնք մարզանքի կը հնազանդին։ Խո՞րքը։ Անիկա անմահ է այդ ուղեղներուն մէջ, որոնք երբեք մտածում չփնտռեցին։

-Որո՞ւ համար ապրի իմ զաւակս։

Գեղացի կնոջ սա հարցումն ալ անոնցմէ էր, որոնք դիւրաւ պատասխան չեն ունենալու։

-Տաճկընալով ապրի՛լ, հա…

Չշարունակեց։ Անոր տառապած հոգիին վրայ նորէն խուժեր էր ամպը ամօթին, որ կը զարնէ տաճկըցող տուները։ Ով գիտէ պատմական ի՜նչ ողբերգութիւններ մեկնակէտ են ծառայած այդ աւանդութեան։ Իրողութիւն է, որ կամաւոր կամ բռնի մահ մը տասն անգամ աւելի նուազ վիշտ կը պատճառէ մնացողներուն, քան տաճկընալը։ Կսկծագինը՝ ապահովաբար սերմին ենթադրական տաճկութիւնն է, որ «կը քաշէ»։ Գեղացին կը կառուցանէ նախնական երեւակայութեան մը ազատութեամբը ու կը շինէ հեքիաթ։ Սողոմենց կնի՞կը։ Անիկա թուրք անունին տակ, թաղերու մէջ լէպլէպի ծա խ ող թ շուառ մարդեր միայն կը ճանչնար։ Պէյն ու փաշան հեքիաթին կը պատկանին։ Ու ամէն հեքիաթ թագաւոր, իշխանազուն եւ իշխանուհիներ ունի, որոնց վրայէն ազգութիւնը վերցուած է ճարտար խաղերով։ Այս անանձնութիւնը, տարտամը, նաեւ իրականութեան մէջ, թուրքերու թափանցումին երկար ատեն փակ մնացած մեր գեղերուն համար, որոնք, բնութենէն կամ իրենց խելացի պետերէն լաւ պաշտպանուած, չէին ճանչնար զայն։

-Օղորմած հոգի, ո՛ւր ես։

Կը կանչէր էրկանը հոգին, զոր սա ստորնագոյն նախատինքը գերեզմանին խորն ալ գտնելու էր։ Ու չէր գիտեր, թէ այդ հոգին մնացեր էր լուռ, ամիս առաջ, երբ իր Սողոմը ոճիրի եզերքին, ծնրադիր անոր հողքին, ըրեր էր գրեթէ նոյն բառերով սա սրտառուչ ու ահաւոր հարցումը։ Գերեզմանը լուռ էր մնացած։

Չլացաւ սակայն, վասնզի, թո ւ լութեան, տկարութեան փոխարէն, պինդ, բիրտ բան մը «կրակի էր բռնած» անոր հոգին։ Ամբաստանութիւնը միշտ հետք մը կը թողու իր ետեւէն։ Ու անմեղութիւնը մեր աչքին, լեռներու ձիւնին, որ չունի կշիռ ամրան տապերուն։ «Զոյգ կրակի» մէջ անիկա։ Ու խղճմտանքին խորերը ձայն ելաւ ուրիշ ալ զգացումներէ, արագ, մարդկային, մշուշոտ, որոնց թելերովը հիւսուած է կտաւը մեր անցեալին։ Տ ի րացուն, ժամը, մեղքը, հայ-քրիստոնեայ յղացքը, որ ամէնէն դիմացկունն է մեր կիներուն զգացական խաւերէն, մեռելները, երկի՛նքը։ Ասոնք բառ չեն միայն, այլ՝ հազար-հազար զգայութիւններու տեւական կրկնում մեր ամէն մէկուն մէջ։ Աւելի՞ն։ Անշո՛ւշտ։ Անսփոփ կսկիծ մշտնջենական կորուստին։ Գեղացի կնոջ համար մահը կարճ բաժանում մըն է, երբեմն անբաժան սիրոյ սկիզբ մը։ Եղած են հարսներ, որ տարիներով գերեզման գացած են, իրենց «գլխաւորին» հողքին, լացած, կանչած են պառկողը ու ապրած իրականէն վեր ուժգնութեամբ մը անոնց ուրուներուն հետ։ Տաճկընա՞լը։ Մահն է ատիկա անվերադարձ։ Սողոմենց կնիկին տղան մեռած էր սա աշխարհին մէջ։ Ու մեռած մա՛նաւանդ անդենականին համար։ Ընտանիքը երկինքին մէջ վերակազմելու երազը ամէնէն սրտառուչն է գեղացիին ցանկութիւններէն։ Մենք մեր զգայնութիւնը փոխադրած ենք երկինք։ « Հանգստեան կարգ »ը մեր շարականներուն ամէնէն սրտառուչն է, ինչպէս անուշը։

-Հոգի՞ն կ’ազատէք։

Հարցուց անիկա, իջնելով երկինքէն, էրկանը քովէն, սա մարդոց, որոնք չէին կրնար գիտնալ, թէ ո՛ր բարձունքներէն կամ անդունդներէն կը փրթէր սա հարցումը։ Ու թերեւս ատոնցմէ ո՛չ ոք համարձակեցաւ ուղիղ նայիլ անոր աչքերուն, որոնք բացուեր էին արտակարգ պայծառութեամբ ` ստեղծելով այդ գրգլեակէն՝ մէ՛կը մեր ցեղին անհաս խորհուրդներէն։ Հիմա, հերքումի դար, մենք չենք գտներ մեր պապերուն ճամբան ու կը զարմանանք ` պատրուելով մեր զարգացումէն, օտար լեզուներու եւ աշխարհներու ծանօթացումէն։ Ու չունին ք խելքը մտածելու տարրերուն, որոնք մեր ցեղին հոգին հաւաքեցին ։ Հոգին ազատելը մէկ զանակն է ապահովաբար անկորուստ այն զգայութեանց, որոնց ամբողջութիւնը կը յօրինէ մեր պատմիչներէն այնքան հեշտագին հեռանկարուած երկնաբաղձութիւնը։ Ոչ մէկ ժողովուրդի մօտ այս կարօտը գտած է գիծի, արտայայտման սա ուժգնութիւնը։ Մենք կ’ապրինք ոչ թէ մեր աշխարհին համար, կամ մեղքէ խուսափելու քիչ մը վաճառական հաշիւներով, այլ կ’ապրինք օր առաջ հասուննալու համար երկինքին վայելումին։ Ու մեր նահատակութիւնը ատով կը զատուի ուրիշներէն։ Ամբողջ ցեղը խառնուած է այս մտալլկումին։ Մեր անցեալը այդ վիճակին վարագոյրները կը փոխէ, դար է դար։ Ու նորագոյն օրերուն, այդ զգացումը նորէն գերակշիռ հանդէսը կու տայ մեր կարելի ցեղամոյնքին։ Այս ամէնուն հետեւանք, կենդանի մեր մէջ՝ զզուանքը օտարին կր օ նքին։ Ուրկէ՞ սա յամառութիւնը, երբ հակառակ այսքան յուսախաբութեանց, զոհերու՝ մեր ցեղը կը պահէ այլամերժ իր կեցուածքը սա մարզին վրայ։ Հին ու նոր մեր հերձուածները փաստ են զգայական այդ միութեան, ու չեն հերքեր մեր անհուն ըղձանքը աւելի լաւ, աւելի հայ Աստուծոյ մը գիւտին, որով միայն իր լրումը, երկինքին մէջ իր խաղաղութիւնը կը հետապնդէ մեր հոգին։ Դիտած ունի՞ք մեր տարօրինակ օտարասիրութիւնը, որ կը յայտնուի հիւրի հանդէպ անվերապահ համակրանքով։ Մինչ զզուանքով կ’ատենք օտարին կրօնքը, գրեթէ կը սիրենք անոր մարդկայնութիւնը։ Մահուան, սիրոյ, զաւկի, հացի ու արքայութեան պապակին գիծովը զգացում մըն է մեր մէջ այդ զզուանքը օտարին կրօնքէն։ Ու ասիկա հասարակաց ալ է։ Զայն կը հասկնան մեր իմաստունները՝ ինչպէս պարզերը։ Քիչ տարազ աւելի հարազատութեամբ կարող է թարգմանել ցեղային մեր գիտակցութիւնը, քան ինչ որ ըրած է մեր կրօնական խրտչումը ուրիշէ։

Կրնայի՞ն, սա մեծ-մեծ մարդիկը «հոգի ազատել»։

Ու սրտառուչ էր այդ մայրը, վիշտէն վեր ուժով մը։

Անոր հարցումէն նեղուա՞ծ՝ սա քնքուշ տիկինը, իր մարմինը արածող այնքան գիտութեամբ, որ կը հաւատար մեղքին, բայց նոյն չափով ալ վայելքի իրաւունքին ու բազմաթիւ պատարագներ քաղել կու տար երկու եկեղեցիներուն ալ մէջ (հայ-կաթոլիկ եւ լատին) անոր քաւութեան, ու խոր զուարթութեամբ կը դիմաւորէր զայն, հոգին ազատելու հարցը վստահելով ուրիշներու, վարձուած բերաններուն՝ ինչպէս բաշխուած ողորմութիւններուն։

Բայց հարցումէն նեղուած ըլլալու էր հոգիներու մեծ պաշտպանը, Աւետարանէն սահմանուած «քաջ հովիւը», որ փոխանակ «զանձն իւր դնելով ի վերայ ոչխարաց», ամէն Կիրակի ժամուն բեմէն, տաճիկին լեզուովը պիտի բարբառէր հզօր պատգամը հոգիին շահին, վաստակին։

Անոնք լռեցին։

-Յիսուս Քրիստոս, դո՛ւն հասիր զաւկիս։

Ու կաթեց արցունքը։ Թուլացումը սկսեր էր։ Անոր թշուառ մարմինէն հեռացած էր քիչ առաջուան բրտութիւնը։

-Կ’ուզե՞ս, որ կախուի տղադ։

Հարցնողն էր հայոց առաջնորդը, որուն անդորրուն ջիղերը կրնային խռովիլ սա արցունքէն։ Դեռ Պոլիսէն՝ անիկա կ’ատէր պառաւները, անոնց լալկան աչքերուն ու շատ ուտող, շատ գիտցող բերաններուն համար։

-Ինչո՞ւ կախեն։

Չենք հաւատար մահուան։ Ամէնէն քիչ՝ մայրերը։

-Մարդ սպաննած է։

-Ո՞վ է ըսեր։

Ամէն ջանք կ’ընենք չհաւատալու ոճիրին։ Մայրերը երբեք պիտի չընդունին ոճրագործներ ծնած ըլլալ։

-Ինքը։

-Ի՞նքը։

-Այո՛։

Կախեց գլուխը։ Լճացած արցունքը, տակաւին քանի մը կաթիլով, յամառեցաւ։ Անիկա ափին վերնամասով սրբեց այդ թացութիւնը ու յանկարծ, քիչիկ մը գտած իր հեստութիւնը՝

-Կը կախե՞ն մարդ սպաննողը։

-Հապա ի՞նչ կ’ընեն։

-Բանտ կը դնեն։

-Յետո՞յ։

-Ժամանակը կու գայ, թող կու տան։

-Քու տղադ երկու հոգի սպաննած է։

-Մեր գեղէն Նեպենց Ակոբին տղան ալ երկու տան ճրագ մարեց։ Հիմա կը պտըտի։

Ճիշդ կը խօսէր թշուառ կինը։ Առաջնորդին աչքէն անցաւ մարդասպանին հայրը, գեղի մեծերուն գիրովը, որ երկու տարի առաջ ներկայացեր էր իրեն ու աջակցութիւնն ու խրատը պահանջեր իրմէ։ Հօրը տառապանքէն ընկճուած, ազգին պետը չէր խ ղճահարած խնդրարկուն իր այցեթուղթովը յանձնարարել քաղաքին մեծագոյն փաստաբանին։ Այսպէս է շինուած մեր կեանքը։

-Տղուդ պարագան անոր չի նմանիր։

-Ինչո՞ւ չնմանի։

-Չի նմանիր։

Կեցան ` չուզելով երթալ աւելի առաջ։ Բայց լռեցնելու համար սա անախորժ խօսակցութիւնը, որմէ կը նեղուէր գեղացիէն խորշանք զգացող մարդու իր դիւրազգածութեամբը, որքան արցունքին «խոնաւ համէն». ա ւելցուց.

-Քոմիթա ալ խառնուած է գործին։

-Իմ տղաս ի՞նչ կապ ունի այդ քոմիթային հետ։

-Ունեցե՛ր է։

Ձայնը խիստ։ Յետոյ՝ աճապարոտ, լեզուանի գրեթէ, որ զարմացուց լսողները.

-Աստուածնիդ սիրէք, ըսէք ինծի, ի՞նչ է ադ քոմիթա անունով բանը։ Կ’ըսեն, կ’ըսեն ա՛տ կ’ըսեն, ու կը լռեն։

Նստողները նայեցան իրարու երես, գրեթէ վախով։ Այդ կինը չէր կեղծեր, չէր կրնար։

-Տիկի՛ն, - միջամտեց Արման Անթու ա նէթը, - ցաւալի, շատ ցաւալի է քու վիճակդ։ Ամէնուս ալ սիրտէն արիւն կ’երթայ։ Բայց ի՞նչ կու գայ մեր ձեռքէն։

-Ձեր ձեռքէն չեկածը չկայ։ Դուք մեր ազգին մեծերն էք։ Ի ն ծի ըսին, որ մեր առաջնորդին լեզուն չուանէն մարդ կ’առնէ վար։

-Ո՞վ ըսաւ։

Առաջնորդն էր, թեթեւ քմծիծաղով։

-Նեպենց Ակոբը։

-Սխալ են ըսեր, տիկի՛ն, - աւելցուց հանդարտ։

-Շիտակն է մէջտեղը։ Չուանին հետ մարդ չ’իյնար։ Ըսողը բան մը գիտէ, որ կ’ըսէ։ Տղան կը պտըտի։ Հաճի Արթինը քանինե՜ր վար առած է… կը պատմէր մամաս։

-Գացի՜ն, ի րկուն եղան ան օրերը։

Լռութիւն, որ եղ ե րական պրկումով մը իրարու կը մօտեցնէր բոլորին ալ մտածումը։

-Այն ատեն դուք ըսէք, ո՞ւր վազեմ ես։ Որո՞ւ բանամ սա անտէր սիրտս։

Հակառակ յուզումին խորութեան, անոր աչքերը պահեցին իրենց արիւնոտ չորութիւնը։ Ու պարզուեցաւ, որ ամէնէն թշուառ այդ կինը տիրական էր բոլորէն աւելի։

-Կեցիր, - ձեռքը առաջ նետելով, որուն մատերուն վրայ շատ մը շողիւն կը փրթէին ու կը շինուէին, - կեցի՜ր։

Անիկա զսպեց իր բերնի ն վարանքը ու ըսաւ.

-Ի՞նչ պիտի ընէիր, եթէ Աստուծոյ կամքովը յանկարծակի պառկէր հիւանդ ու մեռնէ՜ր…

-Մեռնէ՜ր։

Մտածման թէ վախի շրջանի մը մէջ, անոր բիբերը եղան սեւեռուն ու խոր։ Կարծես անոր մէջէն ուրիշ մը ձայնեց իր տեղը.

-Ո՞վ է դիմացեր հոգէառին։

-Դուն ես ըսողը, տեսա՞ր։

-Խաթո՛ւն, խաթո՜ւն, մեռնիլը մեր պարտքն է։ Ես չորս տղայ թաղեր եմ։

Այն ատե՞ն։

-Թաղեր եմ պզտիկ։

-Ուրի՞շ է մեծը։

-Գիտե՞ս ինչպէս կը մեծնան տղաքը։ Հարկա՛ւ ուրիշ է։ Աւելի՛ն կայ. աս չորնալիք ձեռքովս ես հողին եմ տուեր անոնց պապան ալ։

-Դուն ես ըսողը։

-Ես եմ։ Դրի, հայ-քրիստոնեայի պէս խավորդը 10 տալէ, խաս-խաս լուալէ ետքը, կարգով-կանոնով, ժամուն ջահերը լման վառելով, պատարագով…

-Ի՞նչ կ’ելլէ ատկ է ։

-Ուրկէ՞։

-Ատ ամէնով մեռնիլը կը փոխուի՞։

Ձեռքը զարկաւ գլխուն.

-Ի՞նչ ըսեմ ես ինծի, որ չէք հասկնար։

-Ի՞նչը չենք հասկնար։

-Չէք հասկնար, քուրո՛ւկ, չէք հասկնար։

Ձայնը տկարացաւ։

-Թող մեռնէր պապային պէս. մեռելը տանէի ժամ, շարը անցընէի ճիտին, հագցնէի փեսութեան հագուստ, մազերս փետտէի վրան, ձեռքով ս ալ իջեցնէի հողք։ Հոգին ազատած կ’ըլլար։ Կը հասկնա՞ք հիմա։

Լռեց։

Գրեթէ յաղթաշեշտ։ Ըսես՝ պատկերացումով ազատեր էր տղուն հոգին։

Հաւատքի սա խորութիւնը եղա՞ւ ըմբռնելի գեղանի տիկինէն, որպէսզի հարցնէր.

-Ո՞րը ընտրէիր պիտի։

-Ի՞նչ որը։

-Տաճկընալով ապրի՞լը, թէ այդպէս երիտասարդ-երիտասարդ կախուիլը։

Սողոմենց կինը, պիշ, սեւեռեց անոր աղուոր աչքերը, որոնք խռովքէն կը թուէին աւելի խոշորցած։ Հասկցաւ ահաւոր երկսայրաբանութեան ահաւ ո ր պարզութիւնը։ Ափերը ինքնաբերաբար գացեր էին երեսին։ Անիկա կը ծածկէր դէմքը ու արցունքը։ Բայց ձա՞յնը։ Բայց ձայնը բարձր էր այս անգամ ու չկար անկէ նեղուողը։ Հայոց առաջնորդը սուզեցաւ իր մատնիին քարին խազերուն։ Թաղականութեան ատենապետը քիչիկ մը կարմրեցաւ, չես գիտեր ի՛նչ զգացումի հաշուոյն։ Տէրտէրը լացին ճամբովը եղաւ իր գեղին գերեզմանը, ուր ամէն օր կիներուն աչքը այդպէս կը շաչէր, կ ը զովացնէր մեռելներուն հոգին։ Փոխադարձ սպասումը կարօտը ընելով հանդուրժելի, աշխարհէն անդին ը մօտեցնելով մարդկեղէն ջիղերուն սահմանին։ Արցունքին ուժն ու նուէրն է ատիկա մեր թշուառութեան։ Չլացողնե՜ր, յիշեցէք այս օրէնքը եւ պատրաստ ըրէք Տէրոջը ճամբաները։

-Ո՜րը, ո՜րը, ո՜րը։ …Դուն ըսէ, հէ՜յ Կապուտուոր, դո՜ւն հասիր մեր չորցած սիրտերուն։

-Լալով չի լուծուիր ասիկա, մայրիկս, - մէջ մտաւ առաջնորդը, - ես գիտեմ մարդեր, որոնք հարկի տակ, ահի տակ, աշխարհի համար փաթթոց անցուցին իրենց գլխարկին, բայց իրենց սիրտին մէջ մնացին հայ-քրիստոնեայ։

-Իմ տղաս, իմ գրկէս դո՜ւրս։

-Ուրիշներունն ալ տղայ է, տիկի՛ն։ Ուրկէ՞ իմանաս դուն ատ բաները։

-Շատ, շատ է թիւը այդ մարդերուն, - փութաց հաստատել Արման Անթուանէթը, որ կը փորձուէր Վարք սրբոց էն քանի մը ցնցող ու հանգունակ դրուագներ տեղաւորել արտաքին ուրացման ու ներսէն անփոփոխ հաւատքի իբր ապացոյց։ Բայց ծանօթ էր հայր սուրբին նեղսրտութեան ուրիշները մտիկ ընելու, երբ պատմումը երկ ա րէր քիչ մը։

Պարտէզէն հնչեց, մեծաղաղակ, զանգակը, որ չկար։

Մէկը կու գար։

Իրաւ ալ, յաջորդ լռութեան մէջ այդ մէկուն քայլերը հատ-հատ հնչեցին սալերուն։

Բարապանը ու տէր Մեսրոպը։

Արարողապետը, պա ր տ ու պատշաճ դիմախաղէն ու մարմնակոծումէն յետոյ, որոնց անիմաստութիւնն իսկ այնքան արժէք ունի բոլոր մեծաւորներուն աչքին, ծռեցաւ, շնորհալի, շունչը զգուշութեամբ դուրսը բռնած, հայր սուրբին ականջէն։

Փսփսուք։ Որմէ ետք՝

-Աղէկ, - պատասխանեց առաջնորդը, բայց կիտեց յօնքերը, որոնց ճիշդ միացման կէտին գոյացաւ մեծկակ ճեղք. հաւանաբար շատ խորունկ բան մը կը պարտադրուէր անոր ուղեղին։ Դառնալով անիկա գեղացի կնոջ.

-Մէկը եկած է, պիտի տեսնուի քեզի հետ։

-Ո՞վ։

Բայց վախցա՜ծ։

-Կ’իմանաս։

Արարողապետին նշանացի ցուցմունքով՝ բարապանը զգուշութեամբ ու գորովով բռնեց մօրը թեւէն։

-Ո՞ւր։

-Պիտի տեսնուիս։

-Որո՞ւ հետ։

-Կ’իմանաս։

-Ինծի մի հանէք աս տեղէն։ Ես կը վախնամ։

-Մի վախնար։

-Ասիկա մեր հօրը տունն է, մի հանէք։

Վկայաբանական պարզութեամբ ու խորութեա՛մբ, ա՛յնքան՝ որ ունկնդիրներէն խոնաւցան աչքերը։

Բայց ելաւ դուրս։

Տասը վայրկեան յետոյ, Ս. գիւղին պատուիրակութիւնը հրաժեշտ կ’առնէր հայոց առաջնորդէն ու անոր քով երկու քայլ հեռու, ծունկը ծունկին, տիկինէն, որոնք պիտի շարունակէին խորհրդակցի լ տակաւին ժամ մը։ Որմէ յետոյ, տիկին Անթուանէթը պիտի կատարէր վերջին յուսահատ դիմում մըն ալ մոնսէնեօռին։ Մնացածը կը պատկանէր Աստուծոյ անիմանալի զօրութեան։

Նորեկին անունը, մա՛նաւանդ առաքինութիւնը պատճառ էր այս փութացումին։ Կարգադրուեցաւ, որ պատուիրակութեան ատենապետը եւ տաներէց քահանա ն առաջնորդարանէն ուղղակի երթային բանտ, մասնաւոր բաժինի մը մէջ, տեսնելու Սողոմը ըստ թոյլատրեալ պայմաններու, ի ներկայութեան դենպետի փոխանորդին, նորադարձը առաջին անգամ Սուրբ հաւատքին հրաւիրող մոլլային, կրօնական (շէրիի) դատարանի ընդհանուր դատախազին եւ ուրիշ քանի մը նշանաւոր փաթթոցովներու, որոնցմէ մէկը՝ շէյխ Սապիթը, եւ ընէր ընկալեալ հարցումները թուրքերէն՝ երեք անգամ, այս ամէնէն ետքը հաւատուրացը հրաւիրելով Քրիստոսի կրօնին, որմէ ետք պիտի ձգէր ազատ, իր ուզած ճամբուն հետեւելու։ Զարտուղին այս ամէնուն մէջ, հօրը բացակայութի՛ւնը, քանի որ օրէնքը ընդունած էր ատիկա։ Առաջնորդն ու տէր Մեսրոպը պարտաւորուեցան այս շեղումը ընդունիլ նորեկին բացարձակ պնդումին վրայ, որ կու գար քոմանտան փաշային տիկինէն, ծանօթ իր ազատամիտ գաղափարներով։ Տիկինը կը խոստանար այդ հանդիպումը կարգադրել, առանձին, իր տանը մէջ ու խօսք կու տար, տղուն մերժումի պարագային, վերադարձնել զայն իր ոճիրովը իր պատիժին։

Առաջնորդը մասնաւորաբար ծանրացաւ ժամանակին, զգուշութեան պէտքին, միջադէպ ու յուզում ստեղծելէ խուսափման վրայ։ Անշուշտ Աստուած ազատ էր ուզած ճամբան ընտրելու, իր արդարութիւնն ու կամքը մարդոց սխալող հաշիւներուն պարտադրելու։ Ով գիտէ ի՜նչ անքննելի տնօրինութեանց համար Անիկա իր ծառաները այսքան դժնդակ ու ծուռ ճամբաներէ կ’առաջնորդէր։ Միւս կողմէ՝ տիկինին՝ ինչպէս առաջնորդին անձնական կարծիքով կեանքը միշտ կ’արժէր աւ ե լի, քան կախաղանը։ Ու Աստուած բոլոր մահկան ա ցու իմաստուններէն աւելի լաւ գիտէր իր ըրածը։ Չէ՞ որ այնքան խժդժութեամբ սպաննուած էին անոր երկու ընկերն ե րը, որոնց վրայ գործադրուած եղեռնը սպասուհիներու բերնով իջեր էր հանրութեան, թէեւ պաշտօնական արդարութիւնը «քննութեան համար» Պոլիս էր ղրկեր քոմիթաճիները, երկու թուրք հագուեցնելով անոնց լաթերովը, անոնց մարմինները գիշերանց ամայի ու լքուած, գերեզմանատուն մը թաղելէ ետքը։ Դիւանագիտական շրջանակը պարտաւոր էր հաւատալ բանտային տնօրէնութեան արձանագրութեանց, առաքման թուղթին, Մուտանիայի ոստիկանութեան ընկալագրին։ Ծովէն անդինը Պրուսային չէր պատկաներ։

Այս դէպքերուն վերաքաղը եղաւ արագ։ Ու անոնց ճնշումին տակ ազգին պետը կը տրամաբանէր ու կը վարուէր այսպէս ` գոհացում տալով պալատական տիկինին, որուն « ձ եռքը հեռուները կը տարածուէր», ու դիւանագիտական մարմինին, որ կը գնահատէր քաջակորով եկեղեցականի ջանքերը, տիկին Անթուանէթի հետ « Ագռաւն ու աղուէսը »ին առակը կարդալով, փրկելու համար ոչխարը։ Հայ առաջնորդը գոհացում տուած կ’ըլլար կուսակալին, որ, զարգացած անձնաւորութի՜ւն, հոգածու էր երեւոյթներու փրկումին, գիտնալով հանդերձ օտարներուն շահագրգռութիւնը ու տղուն տաճկընալէն վճռապէս ապահով, ետքն էր, որ արտօներ էր գերագոյն փորձը։

Այսպէս էր տրամաբաներ ազգին պետը ու կը գործէր, գոհացում տալով Պրուսայի ժողովականներուն խուլ, անասելի ցանկութեանց, հնդիր չհանելու քաղաքականութիւնը սրբազան նկատողներ, որոնք գեղացի իշու մը սխալին համար պարտաւոր չէին «գէշ մարդ» ըլլալու։ Ու այդ գոհացումը կու տար անիկա նաեւ տիկին Անթուանէթին, որ ո՛չ միայն լատին արքեպիսկոպոսին օրհնութիւնն ու սրտաբուխ մաղթանքները այդքան շնորհալի ամանով մը բերած էր հայոց բազմաչարչար եկեղեցիին սգաւոր պետին, այլեւ բերած առիթը մէկ-երկու ժամ թարմանալու, հեշտ այդ պատկերին վայելումին մէջէն դառնալու իր պատանութեան եւ առաջին երիտասարդութեան օրերուն, երբ բարձր դասու օրիորդներուն հետ Պոլիս, անիկա սրտին առաջին յուզումները տաղաչափեր էր Քոռնէյլի լեզուով ու արժանացած անոնց ծափերուն։

Այսպէս է շինուած մեր կեանքը։

Պատուիրակութիւնը գնաց բանտ, Սողոմը վերջին անգամ իր հաւատքին կանչելու։

1 Մազպաթա տեղեկագիր։

2 Իսթիտա աղերսագիր։

3 Գորփիւսգիւլ շերամի հիւանդութեան մանրէ մը։

4 Գուլէ շէկ։

5 Խուց այսպէս կը կոչուէին քահանաներուն անձնական սենեակները ժամէն, առաջնակարգ պանդոկի մը սենեակէն աւելի հանգստաւէտ։

6 Ճփիկ կոծիծոտ ու շարաւալից կոպեր ունեցող։

7 Մուգատա տուրք, զոր վիճակային եկեղեցիները պարտաւոր էին վճարել թեմի առաջնորդարանին։

8 Կնտել կունտ ընել մազերը կտրել, որով գլխուն «կունտը» երեւան կ’ելլէ։

9 Հուզուր սուլթանին ներկայանալ մը։

10 Խավորդ հաղորդութիւն։