Գ.
Առաջնորդին
սենեակէն
ելլելէն
յետոյ,
Սողոմենց
տիկինը
դէմէ
դէմ
եկաւ
խիստ
դիմագիծով,
թուխ
ու
տխուր
մարդու
մը
հետ,
որմէ
կէս-քաղքենի,
կէս-գեղջուկ
տարազը
կը
զարնէ
ուշքի։
Համազգեստին
տաճկական
բրտութիւնը,
առաջնորդին
մեղրագոյն
մուշտակը,
որ
անոր
ոտքերն
ալ
կը
թաղէր,
երբ
շարժէր
ու
տիկին
Անթուանէթին
բաց
կապոյտ
շրջազգեստը
ու
ձիւնի
գոյն
մուշտակ
օձիքը
յամառող
պատկերներ
էին
Սողոմենց
տիկինին,
որ,
նման
ամէն
գեղացիի,
քաղաքէն
կը
տեսնէ
կերպասն
ու
ապակին,
ամէնէն
առաջ։
Դէմէ
դէմ։
-Բարով
ես
եկեր,
քուրո՛ւկ։
Իրե՞ն
էր
սա
բարեւը,
տեղի
մը
մէջ,
ուր
այնքան
քիչ
կը
սպասէր
անոր։
Անիկա
աչքը
պտըտցուց
չորս
դին,
ուրիշ
մը
փնտռող
յայտ
կեցուածքով։
-Քեզի
է,
-
հասկցուց
բարապանը
`
կամացուկ
դպելով
իրեն
ու
ցոյց
տալով
դէմի
մարդը։
-Ինծի՞
ես։
Ու
ամչնալով՝
-Բարով
տեսանք,
աղա՛։
-Աղա
չեմ
ես,
քուրո՛ւկ։
Ու
փոքր
ճիգով
մը՝
-Քու
հալէդ
մարդ
մը։
Բարապանը
յարդարելու
համար
սա
դժուար
մերձեցումը,
ինքզինքը
ծռեց
քիչիկ
մը
դէպի
աջ
կողը
–
կ’ընէր
այսպէս,
տարաչափ
իր
հասակէն
բռնադատուած
–
ու
խօսեցաւ
կամաց.
-Շատ
աղէկ
մարդ
է,
պէտքական։
Յետոյ,
պակաս
մը
լրացնող
խորհրդաւորութեամբ՝
-Մտիկ
ըրէ,
ինչ
որ
ըսէ։
Ու
քաշուեցաւ։
Սա
խօսակցութիւնը,
այսչափ
արագ,
տեղի
էր
ունեցեր
ապակեղէն
գաւթակին
մէջ։
Ճշմարիտ
հրա՜շք,
քանի
որ
այդ
գաւիթին
հարիւրաչեայ
պահապանին
փարտըսիւն
չէր
սեւցած
դիւանի
դրան։
Թուխ
մարդը
կրկին
իր
քիթը
յանձնեց
մեծկակ
իր
թաշկինակին,
–
նշան,
թէ
անցած
էր
անխուսափելի
արարողապետին
գանձանակէն։
Տէր
Մեսրոպը
երկնքի
թռչուններն
իսկ
պիտի
չմոռնար
ողջունել
իր
մասնատուփով,
եթէ
ասոնք
գործով
իյնային
առաջնորդարան։
Խորքին
ստուերներ։
Պատշգամ-ապակեդուռի
մը
կիսալոյսին
տիկին
Անթուանէթը
կը
թուէր
կարմրաւուն
իշխանուհի
մը։
Մուշտակ
պոա
ն,
կուրծքին
նեցուկուած
պարոյրը,
ու
ճարտարօրէն
լոյսին
մատուցուած
անոր
երեսները
իրարու
կ’աւելնային,
իշխանազնական
այդ
պատկերը
ըելադրելու
վարպետ
Աւետիսի
մտքին
որ
այդ
«ապրանքէն»
այնքան
առատ
ունէր
իր
յիշատակներուն
մէջ։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
սարայլըի
մը
խոհարար-տարփաւորը
կ’ըլլայ
մարդ։
Ու
պալատներու
կանանոցները
միայն
հաստ
պատեր
ու
վանդակուած
պատուհաններ
չեն
արթնցներ
մեր
մէջ,
այլեւ՝
մարդկային
միսի
այն
անճառելի
բխումները,
որոնք
այդ
սրահներուն
մէջ
քողին,
մերկութեան
բոլոր
ստեղները
շօշափել
կու
տան
իրարու
աչքին,
երբեմն
ալ
բերանաբաց
սպասեակներու։
Ու
կիները,
կանանոցին
մէջը
կամ
դուրսը,
նման
են
իրարու,
երբ
իրենց
գեղեցկութիւնը
ցոյցի
կը
հանեն։
…Հայոց
առաջնորդը
շատ
մօտիկ՝
իր
մուշտակ
վերարկուին
փէշերը
քսելու
աստիճան
տիկինին
քղանցքին։
Տէր
Մեսրոպը՝
խօսելու
վրայ,
մինչ
իր
ձեռքը,
կրօնական
նկարներու
վրայ
ներկայացուած
լայնքով
մը
կը
բանար
դէպի
քիթը
տէր
Անիքտոսին,
քիչ,
խեղճ,
ջնջուած
տէրտէրը։
Պալճեան
Գրիգոր
աղա՛ն,
որ
չունեցած
պեխերը
կ’ոլորէր
մանրիկ։
Մէկ
աչքով
մենք
կը
տեսնենք
շատ
բան։
Բուսաւ
անխուսափելի
Սուքիաս
էֆէնտին։
Ի՜նչ
դժբախտութիւն,
որ
պակսեր
էր
հինգ
վայրկեան՝
իր
«ոստայնէն»
չըսուելիք
վայր
մը
երթալ
ստիպուելուն։
Գիշերը
շատ
կերած
էր
ապահովաբար,
որպէսզի
այդ
«յաճախանքը»
փաթթուէր
իր
փորին։
Անոր
մտահոգութի՜ւնը։
Մարդիկ
կան,
որոնք
իրենց
բացակայութեան
կատարուածը
անհամեմատ
կ’աճեցնեն։
«Աշխարհք»
մը
բան,
հաւանաբար
«խօսուած,
կարգադրուած»
էր,
մինչ
ինք
իր
աղիքներուն
մռլտուքը
կը
պարպէր
անդին։
Աւաղելով
իր
բախտը,
մա՛նաւանդ
անիծելով
միտիեայի
տոլման,
որ
ստամոքսի
խանգարման
ստոյգ
պատասխանատուն
էր
փափկաճաշակ
էֆէնտիին
կարծիքով՝
անիկա
տարածեց
իր
«սիրասուն»
բազուկները
դէպի
նորեկը։
-Օ՜,
բարեւ,
բարեւ,
հազար
բարեւ,
Աւետիս
աղբար։
Ու
ճմռեց
թուրքի
իր
քիթը,
մինչ
իր
յետոյքը
կը
շարունակէր
պահել
ցաւոտ
իր
«կեցուածքը»։
Մարդոց
հետ
իր
ծանօթութիւնը
անիկա
կը
սկսէր
քիթով
ու
կը
լրացնէր
ձեռքով։
-Աս
ո՛ր
հով
փչեց,
Հաւատիս
աղբար։
Աչքի
թարթում
ու
լռութիւն։
Բարապանը
սրահի
մուտքին,
արգիլելու
դիտումով
ատենապետին
հաւանական
խուժումը
դէպի
դուրս։
Քարտուղարիկը
բարեհաճած
էր
ելլել
աթոռէն
ու
դիրք
բռնել
դիւանապետին
կողքին,
գրիչին
ծայրովը
բանալով
խազը,
ուր
կրնային
քանի
մը
թել
մազէ
կամուրջ
երկարած
ըլլալ։
Ի՜նչ
վարժութիւն
էր
հարկաւոր,
առանց
հայլիի,
այդ
դժուար
աշխատանքը
այդքան
յաջողութեամբ
գլուխ
հանելու։
-Խեր
է
Աստուածով։
-Խեր
է,
-
մռլտաց
քոմանտան
փաշային
խոհարարը,
որ
չէր
ախորժեր
թուրքի
դիմագիծով
այդ
հին
աղուէսէն։
Ունէ՞ր
կռահած
անոր
դաւադրական
գործունէութենէն,
որպէսզի
ըլլար
վերապահ
ամէն
հանդիպումի։
Իրողութիւն
է,
որ
կարգ
մը
մարդեր,
թիւով
ցանցառ,
օժտուած
են
այս
տեսակ
մութ
զգայարանքներով։
Անոնք,
ուրիշներէ
անտես
ճամբայով,
կ’որսան
մարդոց
ներքին
հոսումները
ու
կը
գուշակեն
վտանգը,
դեռ
իր
օրանին
մէջ։
Գիտուն
բառ
մը,
intuition,
տարտամօրէն
կը
մօտենայ
այս
վիճակներով
պատկերացուած
սա
թափանցումին։
Հայաստանցի
Աւետիսը
կը
խուսափէր
քարտուղարէն,
ո՛ւր
ալ
ըլլար
ծեր
աղուէսը,
ինքն
ալ
չգիտնալով
ինչուն։
Կարճ
կապելու
համար
շատախօս
ու
կեղծաւոր
այդ
մարդուն
հետ՝
անիկա
քալեց
առաջ`
քաշելով
իր
ետեւէն
շուարուն
կինը,
որ
աչքովը
կը
ջանար
գտնել
իրենց
տէրտէրին
ճաղատ
գլուխը,
սրահին
կիսամութէն։
Ո՛չ
ոք։
Բոլորը
պատշգամն
ըլլալու
էին,
ուր
կը
բազմէր
առաջնորդը,
ձորակը,
դէմի
նկարագեղ
պատկերները,
փոքր
ճամիի
մը
կիսակործան
մինարէն
դիտելու։
Տեսարանը,
առանց
բացառիկ
կողմերու,
գեղեցիկ
էր
այդ
պատշգամէն,
որուն
ներքեւ
մրգաստանին
խոնարհող
կորութիւնները,
հանդիպակաց
թաղին
խորունկ
լքումը,
մզկիթին
հրապարակիկը,
ուր
ոչ
մէկ
տղայ
չէր
խաղար,
ու
ձորին
վրայ
հոյաշէն
բնակարանները
հայ
վաճառականներուն,
բաց
պատուհաններով,
յաճախ
կնոջ
մը
կիսանդրիէն
գրաւուած,
այդ
վայրը
կ’ընէին
բանաստեղծական
խոհանքի
յարմարագոյն
անկիւն
մը,
ինչպէս
կը
բանաձեւէր
Լամարթինը
պաշտող
ու
ողբական
եղանակով
արտասանող
տաղաչափ
հայր
սուրբը։
Խոհարարը
ելաւ
պարտէզ։
Ուր,
անիկա
երես
պիտի
չտար,
ինչպէս
միշտ,
պարտիզպան
Մամաս
էֆէնտիին։
Այս
խայաստանցի
ին
ազատ
կոշտութիւնը
պարտաւոր
էին
հանդուրժել
ժամուն
բոլոր
մարդերը,
անճկելի
ու
նոյնքան
բիրտ
Տիւմանեան
Գասպարէն
սկսած
մինչեւ
տաներէցի
պէս
ճապուկ
մէջք
Սուքիասները։
Ծանօթ
էր
ժամուն,
դպրոցին,
անշեղ
յաճախումով
մը
արարողութեանց։
Տարիներու
մեծ
թիւի
մը
վրայ
–
քսանը
կ’անցնէին
անոնք–,
անիկա
ամէն
Կիրակի
Սուրբ
Կարապետի
պատկերին
կը
բերէ
չորեքնոց
մոմը,
ամէն
տաղաւարի՝
հասակին
չափովը։
Խոհարա՜րն
էր
քոմանտան
փաշային,
բայց
տէրտէրի
տղու
մը
չափ
հաստատ
լուսաւորչական։
Գաղտնիք
չէր
անոր
խորունկ
հայրենասիրութիւնը։
Դէպքերէն
առաջ՝
անիկա
անկշիռ
մէկն
էր
հայոց
աւագանիին
աչքին։
Յետոյ՝
առաջնորդն
իսկ
յարգանքով
կ’ընդունէր
զինքը։
Խօսուածքին
խստութիւնը։
Հիմնաւոր
բանի
համար
բերան
բանալը,
քաղքենիներու
յատուկ
չորսերեսութեան
դէմ
խոր
զայրոյթը
զինքը
կը
ներկայացնէին
իբր
արջուկ
մը,
որմէ
կը
քաշուէին,
ստոյգ
է
թէ
առանց
ատելու։
-Քալէ՛։
Խոհարարն
էր,
ծուռ-ծուռ
չափելով
պարտիզպան
Մամաս
էֆէնտին,
որուն
քոյրը
–
մարդուն
մարմնական
վայելչութիւնը,
գրաւիչ
մոյնքը
փաստ
կրնային
ծառայել
այդ
քրոջ
մեծակառոյց
գեղեցկութեան
եւ
հետեւանք
համբաւին–,
լքելով
իր
էրիկը,
կ’ապրէր
տաճիկ
էֆէնտիի
մը
հետ,
կուսակալութեան
կարեւոր
մէկ
դիւանին
մէջ
կարեւոր
պաշտօնեայ
ու
այդ
հանգամանքով
պաշտպան
պարտիզպանին
ալ
պաշտօնին,
որ,
առանց
այդ
«նպաստին»
ալ
բաւական
խելք
ունէր
իր
գործը
պահպանելու,
լեզուին
անփոխարինելի
համովը,
գայթակղութիւնները
ծաղկեփունջին
հետ
այնքան
հաճելի
տիկիններուն
վայելումին
մօտեցնելու
տաղանդովը,
ու
տակաւին
ուրիշ
առաքինութիւններով,
բանսարկութեամբ,
քսութեամբ,
խառնակչութեամբ
եւ
մասամբ
նորին…
Ձեռքի
թիակաձեւ
շարժումով
մը
խոհարարը
վանեց
սուտակասպաս
էֆէնտիին
մերձեցումը,
մինչ
անոր
ակռաները
շատ
յստակ
աղացին
մէկը
իր
սիրական
բանաձեւերէն.
-Բոզի՛
զաւակ…
Անշուշտ
շատ
ալ
յստակ
ականջովը
լսեց
այդ
փաղաքուշ
որակումը
պարտիզպան
էֆէնտին,
որպէսզի
ժպտուն,
ծեքծեքուն,
ու
շատ
սիրալիր՝
ճամբու
դնէր
Խարբերդու
արջուկը,
ետեւէն
պոռալով,
ձեռքերը
շփշփելէն.
-Երթաս
բարով,
Հաւատիս
աղբար,
Տէ՜ր
ընդ
ձեզ։
Գրաբար
ալ
գիտէր,
շէնք-շնորհք
հայերէն
խօսիլ
մը
չունեցող
խաբեբան։
Տեսնէ՜ր
զայն
Ս.
գիւղին
ատենապետը,
խեղկատակ
այդ
գրաբարին
մէջ։
Աստուած
է
վկայ,
բերանը
կը
փաչատէր
այդ
շանորդուն։
Այսպէս
է
կեանքը։
-Գնա՛
ետեւէն։
Բարապանն
էր`
ձայնին
միացնելով
ձեռքը,
որ
ցոյց
կու
տար
խոհարարը։
Կոխել
վախնալով
–
այնքան
մաքուր
էին
սանդուխը
կազմող
մարմարները–,
Սողոմենց
կինը
իջաւ
ժամուն
արեւմտեան
հրապարակը։
Գլուխովը
ի
զուր
կը
խուզարկէր
անիկա
առաջնորդարանին
պատուհանները
սեւ
ու
փակ։
Արեւը,
տանիքի
մը
ակօսէն
վար
էր
ինկած,
ողողելով
սրբատաշ
քարերը,
մայր
դրան
ճակատազարդը
ու
մարմարին
բիւրեղները
ոսկի
ոսպերու
նման
բռնկումի
հանելով։
Պրուսայի
ժամուն
վրայով
պատմուած
զրոյցները
տարօրէն
թարմացան
խեղճ
կնոջ
մտքին
մէջ։
Աճեցան
ալ։
Գեղերու
կիներէն
շատ
շատերը,
կը
ծնին
ու
կը
մեռնին՝
իրենց
արտերուն
ճամբէն
զատ
քիչ
բան
ճանչնալով։
Շատրուան։
Աղբիւրներ։
Տաճարին
արեւմտեան
երեսին՝
արտաքնայարդար
կաթողիկէն՝
մարմար՝
սլացիկ
սիւներու
վրայ։
Ու
նոյն
մարմարով
անոր
առաջամասը,
դէպի
պարիսպը,
արտավարէն
աւելի
ընդարձակութեամբ,
որուն
վրայ
տեղ-տեղ
օղակներ,
հեղիւսուած
ճարտարօրէն
մարմարին
երակներուն։
Սողոմենց
կնիկը
չէր
համարձակեր
հարցում
ուղղել
այդ
օղակներուն
գործածութեանը
մասին,
այցուած
ըլլալով
սրբապիղծ
մտածումէ
մը,
հանգիտօրէն։
Այդ
օղակներուն,
մարդիկ,
իրենց
գեղը
կը
կապէին
կով
ու
ջորի։
Հո՞ս։
Ջրհորի
մասին
տարտամ
տեղեկութիւն
ունեցող
անոր
ուղեղը
ուրկէ՜
մտածէր
ընդարձակ
ջրամբարին,
որ
յատակը
կը
կազմէր
այդ
հրապարակին։
Մեծ
հրդեհէն
ետքը,
որ
ԺԹ.
րդ
դարու
կէսերուն
մոխիր
էր
դարձուցած
քաղաքին
հայաբնակ
մասը,
ջուրի
մթերքի
մը
անհրաժեշտութիւնը
պատճառն
էր
այդ
մեծածախս
ձեռնարկին։
Թուրքերը
միշտ
պիտի
կտրեն
հրդեհի
ատեն
հայերու
թաղը
իջնող
ջուրերը։
Ըրեր
էին
այդպէս
այդ
մեծ
կրակին
ատենն
ալ։
Ու
կէս
դարէ
ասդին
հրապարակին
տակը
կը
քնանար
հսկայ
ջուրը,
հրդեհի
ատեն
միայն
գործածելի։
Խոհարարը,
փոխանակ
առնելու
դուրսի
ուղղութիւնը,
շեղեցաւ
դէպի
պահարան,
որ
ութ-տասը
կանգունով
միայն
կարճ
էր
մայր
տաճարէն։
Այդպէսով
կազմուած
խորշին
մէջ,
երկու
պատուհաններու
առջին
երկու
տապանաքար։
Մէկէն
ջնջուած
գիրերը,
բայց
կը
մնար
փոքր
կառոյցը։
Քանի
մը
թիւ,
պատիւով
գիրերու
փշրանքներ
անոր
տէրը
կ’ընէին
հին
օրերու
եկեղեցական
մը,
որմէ
ջնջուած
էր
ամէն
բան։
Իմ
տղայութեանս
չէի
ըմբռներ
մաշած
քարին
անբարբառ
վկայութիւնը։
Թուրքերու
ծովին
մէջ,
այդ
եկեղեցիի
բակին
մէջ
գերեզմանով
մը
պատուըւած
մարդերը
ի՜նչ
արժէքներու
կշիռը
ունէին
իրենց
ետին։
Անոնք
էին,
որ
պահած
էին
մեր
ժողովուրդը
ինքը
իր
մէջ
ամփոփուած
ու
լեզուին
կորուստին
հակառակ,
խորապէս
հայ։
Երբ
մեծցայ,
ուրիշ
քաղաքներու
իմ
այցելութիւններս
կրկնեցին
այդ
պատկերները։
Հիմա
անոնք
կը
համախմբեմ
մեծ
ու
հզօր
զգացման
մը
մէջ,
որ
մեր
ցեղային
խորհուրդն
է,
այսպէս
տեսարանուած,
դարերու
սանդուխով
մը,
մարմարէն՝
ինչպէս
վանկէն։
…Միւս
քարին
վրայ
կրկնածալ
բան
մը,
վարդապետի
մը
վեղարը
կոշտօրէն
եռանկիւնող,
ուր
ուշագրաւ
էին
աչքին
նշիկները
փոսփոս։
Քարին
մարմինը
բանող
գիրերը
կը
կարդացուէին,
անշուշտ
քիչ
մը
դժուար,
սղումներու
եւ
պատիւներուն
առատութեանը
պատճառով։
Տա՞կը։
–
Իմ
տղայութեանս
կար
«բազմամեղ»
վարդապետ
մը
«անուանեալն
Բարսեղ»,
«ի
կողմանց
Քարբերդայ»,
որ
աւանդեր
էր
հոգին
«յերեսնամենի»։
Պանդուխտ
«գոլով
ի
կողմանս
Պրուսայու»։
Գրուածը՝
այսքան։
Բայց
չգրուա՞ծը։
Բայց
հեքիա՞թը։
Որ
այդ
երեսուն
տարեկան
վարդապետը
կ’ընէր
հրաշագեղ՝
ինչպէս
հրաշագործ,
կը
ղրկէր
անվախ
մեծամեծներուն
տուները,
խունկով,
Աւետարանով,
խաչով,
եւ
«յանուն
Յիսուսի
Քրիստոսի»
ոտքի
կը
հանէր
ախտաժէտներն
ու
անդամալոյծները,
այսահար
աղջիկներ
եղնիկի
պէս
քաղցր
«ընծայելով»։
Աւելի՛ն.
հեքիաթը
այդ
սեւամօրուս
ու
սեւաչուի
երիտասարդը
կ’ազատէր
անհաւատներուն
ճիրաններէն
(հիմա
կրնամ
ճշդել
բառին
տարողութիւնը
ու
կիներու
բազուկ
տեսնել
այդ
ճիրաններուն
տեղ),
կամաւոր
ու
հրեշտակային
մահուամբ
մը,
երբ
վայելչակազմ
վեղարաւորը
իսլամանալու
խոստումին
մէջ
ատեն
կը
գտնէր
ինքզինքը
կախելու,
արժանանալու
համար
երկնաւոր
Բրաբիոնին։
Գեղեցիկ
վարդապե՜տը։
Ու,
քարե՜ր,
քարե՜ր,
ժամու
բակին,
թէ
գեղերու
համեստ
գերեզմաններու
մուտքին։
Ո՜վ
պիտի
պատմէ
ձեզմով
արձանացած
ողբերգութիւնը։
Հազար
տարի
մենք
այսպէս
ենք
ապրեր,
օտարներու
լուծին
ներքեւ։
…
Աստուածային
շնորհը
արդար
իրաւամբ
սպասող
վարդապետը
իր
քարին
վրայէն
կը
շարունակէր
նպաստ
խնդրել
ողջերուն,
աղաչելով
անոնց
իրենց
«ողորմիսը»
չխնայել
իր
գերեզմանին
ու
պաղատիլ
Արդար
Դատաւորէն
«թողութիւն
շնորհել
ծովացեալ
մեղաց
իւրոց»։
Յատկանշական
քա՜ր։
Անուղղակի
ուխտատեղին
բոլոր
աղուոր
տղոց
ու
աղջիկներուն,
որոնք,
առանց
խորհուրդին
իջնելու՝
բերան
մը
աղօթք
կու
գային
ընելու
անոր
առջեւ։
Անշուշտ
իմ
որբի
ազազուն
բերանը
այն
ատեն
չբացի
ես։
Ու
կը
զղջամ
հիմա։
Խարբերդցի
խոհարարը
ինձմէ
աւելի
տեղեակ
էր,
կը
խորհիմ,
այդ
քարին
խորհուրդին։
Մարդիկ
վարժուած
էին
զայն
տեսնելու,
ամէն
ժամ
գալուն,
այդ
քարին
առջեւ,
գլխեբաց
իր
Հայր
մեր
ը
մրմնջելու
«երկրացի»
մեղաւորին
հոգիին
համար,
որմէ
յետոյ,
կիսաձայն,
արտասանէր
պիտի
պայմանադրական
ողորմիսը։
Աւելի՝
«Տէրը
լուսաւորէ
հոգին
ըմմէն
ննջեցելոց»։
Աւելի՝
«Տէրը
քաղցր
ըլլայ
ըմմէն
մեղաւորներու»։
Ու
ոչ
ոք
գիտէր
սարսուռը,
որ
այդ
բառերով
կը
հոսէր
անոր
հոգիէն։
Ըրաւ,
ինչպէս
կ’ընէր
ամէն
ժամ
գալուն։
-Տէրը
քաղցր
ըլլայ
ըմմէն
մեղաւորներուն,
-
կրկնեց
անիկա,
գլխարկը
դնելէն
ետքն
ալ։
Ու
խորունկ
տխրութիւն,
լքում,
անձուկ
կար
անոր
ձայնին
ու
դէմքին
վրայ։
-Երթա՛նք,
քուրուկ։
-Ո՞ւր։
-
Խոնախ
ը
։
Սողոմենց
կինը
յուզուեցաւ։
Իր
տղան
պիտի
տեսնէր,
զոր
կ’ենթադրէր
փաշաներու
պալատին
մէջ,
հակառակ
անոր,
որ
գիտէր
անոր
բանտը
ըլլալը։
-Մինա՞կ։
-Մինակ։
Հանըմը
քեզ
կ’ուզէ։
-Հանըմը
ո՞վ
է։
-Տեսնաս
պիտի։
Մի
վախնար,
շատ
աղէկ
կնկուկ
է,
հալէ
հասկցող։
-Սողո՞մը։
-Ե՛տքը։
-Ետքը
ե՞րբ։
-Կը
տեսնես,
քուրո՛ւկ։
Առաջ
հանըմը
տես
դու
մի
հեղ։
-Տէրտէրը
չգա՞յ
պըտը։
-Քեզ
մինակ
կ’ուզեն։
Այդ
րոպէին,
անոնցմէ
վեր,
պարտէզի
եզրին,
մօտ
տասնհինգ
կանգուն
բարձրութենէ
մը
երեւցան
տէր
Անիքտոսը,
Գրիգոր
աղան,
հաճի
Զաքէոսը։
Ասոնց
տեսքը
ոգեւորեց
շուարուն
կինը,
որ
ձայնով
ու
ձեռքով
նշան
կ’ընէր
գեղացիներուն։
-Վար
եկէք։
Խոհարարը,
լուրջ.
-Քալէ
ինծի
հետ։
Յետոյ,
աւելի
լուրջ.
-Էտոց
պիւթիւն
էն
խեր
չիկայ
քեզի։
Ու
ինկաւ
անոր
առաջքը։
Սողոմենց
կինը,
վարանոտ,
դանդաղիլ
փորձեց։
Բարապանին
լայն
ձեռքը,
հեռուէն
զինքը
կ’ընէր
ետ։
-Գնա՛
ետեւէն։
Հետեւեցաւ
խոհարարին,
չեկող
գեղացիներէն
յոյսը
կտրած։
Կռնակէն
լայն
ու
լեցուն
մէկն
էր,
ամուր,
թիզ
մը
ծոծրակով,
գլխարկէն
աւելցած
մազերուն
մէջ
ոչ
մէկ
ճերմակ։
Ամբողջ
հասակէն
կը
բխէր
պարզ
ու
պարկեշտ
վստահութիւն
մը,
մօտութիւն
մը։
Չըլլար
տարազին
մասնակի
կողմը՝
անիկա
պիտի
նկատուէր
գեղացի
մը
իրենց։
Անցան
դարատափը,
անոր
եզերական
թաղարակազմ
ածուն,
բանկալը։
Ժամկոչները,
հակառակ
մանկալ
ի
կատուներ
ըլլալուն,
ձգեր
էին
խուցը
եւ
դիրք
բռներ
անոր
առջեւ։
Իրենց
ձեռքերը
շփելով
իրարու։
Անոնք
կը
սպասէին
Աւետիս
աղային,
որ
խոնարհներուն
բարեկամն
էր
ու
չէր
մոռնար
նուէրը։
Ծնունդի
օրերը
մօտեցեր
էին
ու
իրենց
պատկերով
կը
փորձէին
մտքին
մէջ
մնալ
հայաստանցի
արջուկին։
Տիւմանեան
Գասպա՞րը։
Անիկա
կը
սիրէր
այս
խիստ
մարդը
ու,
կարօտ
չըլլալով
հանդերձ,
կ’ընդունէր
անոր
հրաւէրը,
ամսու
բերանին,
գլուխ
գլխի
քէֆի
մը։
Տե՞ղը։
Բայց
դուք
չէք
գիտեր,
թէ
ինչ
դրախտային
պարտէզ
է
Պրուսայի
դաշտին
այն
մասը,
ուր
«բանուած»,
«սփռուած»
են
ջուրերու
երակները,
տաքն
ալ,
պաղն
ալ։
Զոր
կ’ակօսեն
իրերամերձ
վտակներ,
իրենց
ափերուն
հարիւրամեայ
ծառերուն
զուգահեռ
գիծովը։
Ամէն
քար
կ’ենթադրէ
հին
մեհեան
մը։
Ու
ամէն
ծառաստան
ունի
բխուն
ջուրը,
մանրանկար
սրճարանը,
որուն
մէջ
աշուղ
մը,
տէրվիշ
մը,
շատ-շատ
քաղցրաձայնով
ծերուկ
մը
կը
հրամցնէ
աթոռը,
սուրճը
ու
տուածդ
կ’առնէ,
բերան
չբանալով,
երբ
բան
չձգած
անցնիս։
Նման
վայրերէն
մէկուն
մէջ,
անոնք
երկուքիկը
կը
նստէին
դէմ
դէմի,
սկիզբները
տրտում,
քիչ-քիչ
բացուելով,
մինչեւ
որ
ազգային
երգերն
ու
օղին
վազէին
իրենց
առջեւի
վտակին
նման
ու
ծառերու
շուքին
արեւը
ըլլար
զով,
հնօրեայ
սեղանին
վրայ
հնդկահաւը
վառէր,
պլլուած
ըլլար
իր
ոսկի
շուրջառին,
խոհարարին
մատներովը
այդպէս
յարդարուած։
Այդ
սեղաններուն
առջին
անոնք
կը
դառնային
իւրաքանչիւրը
իր
հիմնական
ցաւին,
մութը
անյայտ,
բայց
գուշակելի։
Ինչ
ալ
աղէկ
կը
հասկնային
իրար։
Ցա՞ւը։
Առանց
ատոր
անունը
տալու
խոհարարը
կը
պարպէր
բոլոր
սիրածներէն
սիրածին
կենացը,
տարտամօրէն
մտակոչելով
գեղանի
կինը
երիտասարդ
մաքսանենգին,
անոր
կախաղանին
մէջ
մատը
զգալով
էֆէ
Գասպարին։
Ու
տարիներու
կրկնումով
այդ
պատկերն
ալ
կորսնցուցած
կը
ներկայանար
իր
ոճրային
սարսափը,
դառնալու
համար
տեսակ
մը
երազ։
Մարդ
սիրածը
այդպէս
կը
պահպանէ
աւերէն
ու
քայքայումէն,
որ
ճակատագիրն
է
մեր
բոլոր
գեղեցկութիւններուն։
Ու
առանց
անունը
տալու,
հիմա
թոռմած՝
ատենին
առիւծ
դռնապանը
իր
գաւաթը
կը
պարպէր
սիրուածներէն
սիրուածին
կենացը,
որ
երբ
չի
մեռնիր,
կը
մեռցնէ։
Խոհարարը
անշուշտ
մեռած
մըն
էր,
իր
ժողովուրդին
համար,
քանի
որ
զաւակ
չունէր։
…Ու
կը
պարպէին
ցաւերու
ցաւին,
ազգին
մեծ
ցաւին
համար,
որ
հետզհետէ
կը
մօտենար
անոնց
ըմբռնողութեան։
Ազգային
երգերը,
դպրոցական
հանդէսներուն
իրենց
շաղակրատ
անիմաստութիւնը
կը
կորսնցնէին
անոնց
բերնին
մէջ,
ըլլալու
համար
քաղցր
թոյն
ու
գինովութիւն
ու
կսկիծ,
ա՛յնքան՝
որ
շուրջանակի
արտերէն
թուրք
բանուորները,
պարտէզներէն
երիտասարդ
կիները
կը
ձգէին
իրենց
տեղերը,
մօտիկը
գալու
համար
թախիծի
այդ
աղբիւրին…։
Որմէ
յետոյ,
գրեթէ
լալով,
անոնք
կը
բաժնուէին
իրարմէ։
Խոհարարը
ան
գիշեր,
իր
հանըմը
ծոցն
առած,
կ’ուտէր
անյագ
տրտմութեամբ
մը
անոր
անսպառ
կախարդութիւնը
ու
արցունքով
կը
լուար
անոր
կուրծքին
մարմարը…։
Գասպարը
իր
պաշտօնին
դարձին,
ասեղը
ծակ
կ’ընէր,
միջոցը
կը
ճարէր
արծաթ
խնկամանով
կրակ
տանելու
մեղաւոր
Բարսեղին
տապանաքարին
ու
կը
ծխէր
խոհարարէն
յանձնարարուած
խունկը
հաստ
իր
մատներովը
շոյելով,
ճմռելով
իր
թուշին
կախ
միսերը։
-Աշխըրքին
ո՞վ
է
խելք
հասցուցեր…,
-
կը
կրկնէր
անիկա,
դեռ
լաւ
չսթափած
իր
ուղեղէն
հազիւ
ճարելով
այսքան
մը
բառ։
Կը
հանէր
խաչը,
կը
տարածէր
ծուխը
Բարսեղ
վարդապետին
ամբողջ
հասակին,
«երկնքի»
լոյսը
աղերսելով
անոր
ոսկորներուն,
յաճախուած
շնորհ՝
շատ
գերեզմանի։
Յետոյ
պիտի
դառնար
իր
խշտին,
եօթը
անընդմէջ
սիկարները
քաշելու
մեծ-մեծ
պուկերով։
Վա՜յ՝
այդ
պահուն,
առջեւէն
անցնողին,
խօսք
նետողին,
հրաման
բերողին։
Ծոմ
պահող
շէյխէ
մը
աւելի
կատաղի
էր
անիկա։
Եւ
անիկա
գրալն
էր,
այդ
օրը,
իր
դաժան
խշտին…
Տեսնելով
խոհարարին
ետեւէն
երկրացի
կինը,
տարտամօրէն
գուշակելով
անոնց
բռնելիք
ուղղութիւնը
դռնապանը
մօտեցաւ
Սողոմին
մօրը
ու
միշտ
թուշէն
շերտ
մը
միս
շոյելով,
գեղին
բարբառովը
ըսաւ
անոր.
-
Թէտ
չտաս
մարդուն
եախան
։
(Թող
չտաս
մարդուն
օձիքը)։
Այս
գիծէ
հանդիսաւոր
առիթներուն,
աղաներն
ու
էֆէնտիները
ճաթեցնելու
համար՝
անիկա
դիմում
կ’ընէ
իր
հայրենի
բարբառին։
Երբեմն
ալ
աղօթելու,
հայհոյելու,
բարկանալու
պահերուն
այդ
լեզուն
կը
լսուէր
անոր
ակռաներէն՝
գրեթէ
անհասկնալի։
Ու
յատկանշական
պարագայ՝
անիկա
չէր
հանդուրժեր
հեգնութիւն
այդ
րոպէներուն։
Հատիկ
մը
բան
չպակսած
իր
ակռաները
իրարու
զարնելով,
մռայլ
կափկափ
մը
հանելով
անոնց
«աղացքին»,
ինչպէս
կ’ընէր
երեսուն
տարի
առաջ,
ձիուն
վրայէն,
ծխախոտին
բեռները
քշած
ատեն,
սառած
կզակները
շարժումի
հանելու
համար։
Անիկա
իր
ձեռքովը
բացաւ
երկաթ
փեղկը,
–
բացառիկ
շնո՜րհ։
Վասնզի
հակառակ
իր
պաշտօնին,
որուն
անունն
էր
դռնապանութիւն՝
անիկա
միշտ
ուրիշները
կը
գործածէր
դուռները
բանալու
եւ
գոցելու։
Ի՞նք։
Ուժով
մարդ
մը,
որ
երկաթին
ետեւը
կը
հսկէր։
Ու
ջրհանկիրները,
խառնակիչները,
գինովները,
ազգին
մեծին
ու
պզտիկին
դէմ
անտեղի,
վայբերան
հաջողները
պարտաւոր
էին
հաշուի
առնել
անոր
թանձր
ճոկանը։
Դպրոցէն
փախչող
տղոց
սարսափն
էր
անիկա։
Փողոցին
մէջ
կա՛ռքը։
-
Մէկալլոնց
անկաճ
չտաս,
հա՜։
Իշտէ
ասխըտար
կ’ըսեմ
քեզի,
Սողոմենց
կնիկ։
Ու
բռնեց
անիկա
վարանոտ
կնոջ
ձեռքէն,
որ
տէրտէրին
եւ
Գրիգոր
աղային
շուքերը
կը
փնտռէր
կիսաբաց
փեղկն
ի
վեր,
ու
բարձրացուց,
բիրտ,
կառքը։
Անոր
քով
տեղաւորուեցաւ
խոհարարը։