***
Տեւողութենէ
մը
ետք,
զոր
գտաւ
շատ
երկար
այդ
տեսարաններուն
անվարժ
տիկինը,
մրջիւնի
պէս
բանուկ
փողոցներ,
հրապարակներ
ու
փոշեթաթաւ
ծառաստաններ
ճեղքելով,
կառքը
կանգ
առաւ
լուռ
եւ
ընդարձակ
տարածութեան
մը
վրայ։
Դուռ
մը
չէր
իրենց
առջեւ
ցցուած
բանը,
այլ՝
ճերմակ
ներկուած
ձողացանկ
մը,
մօտ
երեք
մարդու
հասակով։
Պատի
գիծեր,
աւելի
ճիշդ՝
սիւներ
անոր
երկու
քովերէն,
հսկայական,
որոնց
գագաթին
բազմակողմ
մէյ-մէկ
լապտեր,
երեքն
ալ
տաճկական
զինանշանով
աւարտած։
Սողոմենց
կնիկը
այսպէս
բան
չէր
տեսած։
Մանր,
սեւ
մարդ
մը,
կառքին
ձայնէն,
բուսաւ,
ըսես
գետինին
տակէն
ու
դպաւ
մատով
տեղի
մը։
Որմէ
ետքը
երկաթ
այդ
ձողերը
պլորուեցան
իրենք
իրենց
վրայ,
ինչպէս
իր
«տղուն»
խթման
գիրքերը
։
Կառքը
մտաւ
ներս։
Այնքան
գովուած,
հեքիաթին
մէջ
այնքան
մանրամասն
նկարագրուած
պարտէզներէն
մէ՛կը։
Որոնց
խորը,
գոհարատուփի
մը
նման,
տրուած
պիտի
ըլլայ
պալատը
աշխարհի
ամէնէն
գեղեցիկ
աղջիկին։
Ու
այդ
պալատին
դուռ
ու
պատուհան
պիտի
հանուէին
ոսկիէ
ու
ադամանդէ…։
Հո՞ս։
Սողոմենց
կնիկը
աչքերը
բացաւ
չորս։
Հեքիաթին
մօտիկ
բան
էր
տեսածը։
Վասնզի
քոմանտան
փաշային
թիւ
երկրորդ
ապարանքը
–
կնոջը
կողմէն
–
դիրքի
բացառիկ
շքեղութեան
կ’աւեցլնէր
օր
մը
նրբացած
ճաշակն
ալ
սարայլըին,
որ
յարդարած
էր
զայն
Վոսփորի
եզերական
եալը
ներուն
նմանողաբար,
շրջապատ
բուրաստանն
ու
մուտքի
ճակատամասը
օրինակելով
պալատէն,
որուն
մէջ
անիկա
ծոց
էր
մտեր
փատիշահին։
Մենաւո՜ր։
Վասնզի
փաշաներուն
ախորժակը
անհուն
է,
կնիկէ՝
ինչպէս
հողէ
եւ
կուլ
կու
տայ
շրջապատը,
մինչեւ
որ
յոգնի
քարահանքէ
մը
կամ
ճահիճէ
մը։
Շէնքը,
այսինքն՝
բուն
ապարանքը
կը
զատուէր
կանանչէն
ու
ծառերէն
մարմարեղէն
կառոյցի
մը
միերանգ
մաքրութեամբը,
հեռո՛ւ՝
անխուսափելի
թրքութենէն,
որով
պլլուած
կը
կանգնին
այս
քաղաքին
հնօրեայ
յիշատակարանները,
ու
ասոնց
կից
բորբոսած
գմբէթներով
աշխարհիկ
ալ
պալատները։
Ու
հեռու,
մա՛նաւանդ
այն
խստութենէն,
որ
այդ
քաղաքին
մէջ
ԺԴ.
եւ
ԺԵ.
դարերու
կտակ
բոլոր
շէնքերը
կ’ընէ
այնքան
տարբեր,
թուրք,
բարբարոս։
Ասոնց
յատկանշական
կողմը
ոճին
մէջ
չէ
անշուշտ,
որ
յստակ
է
հեռուէն,
իբր
գիծ
ու
միջոց,
երբ
սարահարթ
մը
ամբողջ
կը
պարսպէ,
մէջտեղէն
ցայտեցնելով
բազմակամար
դէզը
ճերմակ
կամ
դեղնորակ,
կամ
կանանչ
գմբէթներուն։
Այլ
պատմութիւնը,
անլուր
այն
սարսափը
թրքական
հեղեղին,
որ
5-6
դար
առաջ
ծածկեց
այդ
դաշտերը։
Դեռ
չպաղած
բան
մը
կը
յամառի
դիմանալ
այդ
դարերէն,
տպաւորիչ
պարտուածներուն՝
ինչպէս
եւրոպացի
այցորդներուն
համար
հաւասարապէս։
Թրքական
թաղերը,
շուկան,
նորակառոյց
մզկիթները,
տարօրէն
անոճ,
ցրիւ,
անարտայայտ,
երբ
մինակ
են,
այսինքն՝
զուրկ
հնօրեայ
յիշատակարանի
մը
խմորէն,
մէկէն
կը
ստանան
իրենց
թաքուն
խորհուրդը,
երբ
անոնց
մէջը
բրգանայ
կամ
ծուարի
սուլթանի
մը
ձեռակերտ
մէկ
աղօթատեղին
կամ
փոքր
դամբարանը։
Այդ
տարրով
յետսամուտ
մասը
կը
բարձրանայ
իր
սաստկութեան։
Առանց
խուլ
վախի
չես
կրնար
անցնիլ
փոքր,
հազիւ
դագաղ
մը
պարագրկող
կամար-դամբարանի
մը
քովէն,
որ
անուշիկ
կամ
սեպ
կատարի
մը
վրայ
ինքզինքն
է
զարկած,
որ
գիտէ
ո՛ր
արիւնկզակ
սուլթանի
մը
իբր
հանգստարան։
Ուր,
անոր
դագաղը
ոսկի
եւ
ապրշում
հիւսքերու
տակ
կը
փոխուի
ուխտատուփի։
Բայց
որուն
փոքր
ամբողջութենէն
կը
յառնէ
ինչ
որ
թուրքն
է
եղած
այդ
դարերուն,
սարսափին
այն
անորակելի
փոթորիկը,
որ
երկու-երեք
դար
քայքայեց
Մերձաւոր
Արեւելքը
ու
կէսէն
աւելի
Եւրոպային։
Ի
զո՜ւր,
հինգ-տասը
նոճի,
իրենց
իլերը
իբր
բարիքի,
խաղաղութեան
եւ
մահուան
զգաստանշան
կը
կախեն
երկինքն
ի
վեր։
Ի
զո՜ւր,
աղբիւր
մը,
ցանկապատ
աւազան
մը,
գղիաթին
վրայ
ծալապատիկ
ծերունի
մոլլաներուն
թշուառական
թշուառութիւնը,
անուշիկ
տղեկ
մը,
որ
կը
խաղայ
ծաղիկներուն
քով,
կը
միջամտեն
կոտրելու
համար
մռայլ
ահը
այդ
գոհարի
տուփին
պէս
գեղեցիկ
պատկերին։
Պիտի
տեսնես
ու
անպատճառ
պիտի
այցուիս
այդ
անցեալէն,
ու
ողնուղեղէդ
սրսփուն՝
պիտի
ջանաս
շուտով
հեռանալ
այդ
շրջանակէն։
Կը
ծանրանամ
այս
տպաւորութեան
խորութեանը
վրայ։
Օրերով
թափառեր
եմ
հսկայ
աւերաքաղաքին
մէջ,
որ
Նիկիոյ
ստորաշխարհը
կը
կազմէ։
Մահուան
հզօր
շունչ
մը,
ապականութիւն
ու
փարթամ
նենգութիւն,
անգթութիւն
եւ
արիւն
զգացեր
եմ
դարաւոր
չափով
մը,
բայց
նոյն
ատեն՝
ասոնք
հակակշռող
իմաստութիւնն
ալ,
ըսել
կ’ուզեմ՝
հայեցողական
այն
խաղաղութիւնը,
որ
ամէն
կործանումին
արտածորած
դասն
է
մեր
ախորժակներուն
վրայ։
Թուրքերու
«սրբազան»
որակուած
այդ
յիշատակարանները
զուրկ
են
այդ
դասէն։
Չեմ
կարծեր,
որ
հայու,
այսինքն՝
պարտուած
ազգի
հեռազգած
տրամադրութիւնը
այսպէս
կը
յարդարէր
իմ
զգայութիւններս,
ու
մեծվայելուչ
Եշիլ
ճամիի
առջեւ
զիս
կ’ընէր
վախկոտ
ու
տխուր։
Պոլսոյ
մէջ,
ԺԹ.
րդ
դարու
կառոյցները,
դարձեալ
դամբարան
կամ
ապարանք,
չունեցան
իմ
վրայ
այդ
դաժան
ճնշումը։
Դարձեալ,
Ջերմուկներու
արուարձանին
մէջ
նորօրեայ
կառոյցներ
զերծ
էին
այդ
սպաննող
թախիծէն։
Քոմանտան
փաշային
Չէքիրկէի
պալատը
թեթեւ
էր,
խաղաղ,
ու
ակնապարար,
Ներուի՜
այս
բառը,
վասնզի
արտայայտիչ
է,
հակառակ
իր
մաշած
ու
ծիծաղելի
հնութեան։
Դժուար
է
բառերով
պատկերել,
սեւցնել
ինչ
որ
շէնքի
մը,
տեղի
մը
առանձնայատուկ
ոգին
է,
նիւթէն
տարբեր
ու
անձէ
վեր։
Ամէն
ապարանք
ինքնիրմով
միայն
ոճի
չ’երթար։
Ու
միայն
իր
արտաքինով
չ’անդրադառնար
մեր
հոգիներուն։
Անշուշտ
զանցառելի
չեն,
այդ
թափանցումին
համար,
ոճին
չափ,
դիրքը,
հորիզոնները,
հեռանկարն
ու
մերձանկարը,
ու
կտաւը
հողին,
որմէ
վեր
մարմարը
իր
շերտերը
պիտի
երկրաչափէ։
Բայց
ասոնց
ամէնէն
շատ,
մա՜րդը՝
որ
կը
լեցնէ
այդ
խաւերը,
կարկառները,
կլորութիւններն
ու
անկիւնները
իր
իսկ
հեղումով։
…։
Բայց
պէտք
է
քալել
ու
շատ
չտարուիլ
այս
մտածումներով։
…
Դուռնէն
անմիջապէս
ներս,
խաչաձեւ
եւ
ընդարձակ
տարածութիւն,
որ
բանուած
էր
ընկոյզի
մեծութեամբ,
բազմերանգ
խիճերով։
Այդ
կալին
չորս
շառաւիղներէն
չորսական
արիշներ
որթատունկի,
տեղ
պատատուկ
ուրիշ
բոյսերով
«պաճուճահիւս
զարդարուած»,
գործածելու
համար
ռոմանթիք
բացատրութիւն
մը։
Ասոնց
ճիւղերու
խռիւ,
բայց
համաչափ
ցանցերէն
յատակի
ճերմակ
աւազին
վրայ
լոյսի
բեկորներ,
զանազան
մեծութեամբ,
դողդոջ
կամ
խրտչուն։
Երբեմն
լապտերի
մը
ապակին,
բծաւոր
ոսկիի
պէս,
ինքզինքը
դողալու
դրած
այդ
աւազին։
Երբեմն
այդ
լապտերներու
օղե՜րը,
ցցունք
ու
զարդ,
որոնց
պրիսմակներէն
գոյները
այդ
աւազը
կ’ընէին
նկարազարդ
ասեղնագործութիւն
մը։
Հարուստներուն
ալ
աչքերը
գործէն
չեն
կշտանար։
Այս
մեծ
ձեւերէն
դուրս,
ամէն
ուղղութեամբ,
պարոյրները
ծառի,
թաւուտի։
Խնամք
մը
կը
միջամտէր
կիսավայրի
տարտղնում
ճարելու
համար
այդ
պարոյրներուն,
որոնք
աւազանի
մը
գլխուն
կը
կանգնէին
մինակ,
իրենց
փորէն
անցք
տալու
համար
ջուրին
բազմաձեւ
բերաններուն։
Այդպէս
յարդարուած
անոնց
խորերէն
բխումը
գորշաստեւ
առիւծներու,
որոնց
բերանէն
ջուր
ու
փրփուր
մեծ
ածուներու
պորտը
յօրինող
փոսիկներու
մէջ,
բոլորն
ալ
մարմար,
ծաղկեհիւս
բաժակներու
պէս
ջուրէն
կանանչցած։
Անոնց
եզերքին
ծաղիկ
ու
դալար։
Ու
բուստի
կմախք։
Ու
ածուներ,
բազմաձեւ,
բազմանկիւն,
կեդրոնին՝
տպաւորիչ
մատղաշութիւնը
սիրական
տունկի
մը,
որ
կը
դողար
դժուար
ստացուած
իր
մարմինին
համար
ու
կը
շոյէր
խոտի
պէս
բուսած
բազմագոյն
փռոցը
մանրածիլ
ծաղիկներու։
Ու
թաղարներ,
հազարներով,
բաշխուած՝
բոլոր
այդ
ձեւերու
կորութեանց
կամ
խաչաձեւման
անկիւններուն,
շարունակելով
գիծը,
բայց
զատուելով
միօրինակութենէ։
Աւելի
հեռուն,
պղտոր
զանգուածը՝
հաւանաբար
պտղատու
ծառերու,
բոլորն
ալ
մերկ,
միջոցին
վրայ
կարկառելով
անհուն
տգեղութիւնը
իրենց
ճիւղերուն։
Պալատներու
բուրաստանները
չեն
նուաճուիր
բառէն՝
ինչպէս
գոյնէն։
-…
Կառքը
քալեց։
Արիշներէն
անդին՝
աւազ։
Ու
սուտ
ոսկիին
վրայ
ըլլային
սուտ
սա
անիւները։
Ձիերուն
թեթեւ
բոժոժնե՜րը,
որոնցմէ
ոստոստուն,
մեղմ,
մելամաղձոտ
մեղեդի
մը
տարօրէն
հաշտ
կ’իյնար
սա
նկարին,
զայն
պարուրող
ձմեռնամուտի
խստութիւնը
հերքել,
տարտղնել
ջանալով։
Կառքը
քալեց,
առանց
կանգ
առնելու
ապակեայ
գաւթակի
մը
մուտքին,
առանձին
կառոյց,
հաւանաբար,
յետոյ,
դուրսը
շինուած
ու
աւելցուած,
տեղաւորուած
պալատին
մարմինին։
Ատիկա
յաւելումն
էր
պոլսական
յիշատակներու։
Ու
ընելու
համար
այդ
պատրանքը
աւելի
կատարեալ,
անոր
սանդուխը
սկսած
էր
շատ
լայն
(ինչպէս
էր
նախատիպը,
Վոսփորի
եզերքին,
ուր
մարմար
աչքերը
ջուրէն
կը
բարձրանային
չափազանց
լայն,
հատիկ-հատիկ,
հետզհետէ
ամփոփուելով,
նեղնալով),
վերը
աւելի
նեղ,
առնելու
համար
նմանութիւնը
ժամու
խորանին
աղեղնաձեւ
ոլորքներուն,
որոնց
վրայ,
տաղաւարներուն
կը
շարուէին
զարդախաչերը
ու
ծաղկամանները։
Սողոմենց
կնիկը
խաչ
հանեց։
Խելքի՞ն
էր
եկած։
Մինչեւ
կառքին
դադարը՝
անիկա
ոչինչ
հարցուց
խոհարարին։
…
Կառքը
կանգ
առաւ։
Խիտ,
մութ,
թաղարով
խղդուած
հովանոցակ
մը։
Պատկերը,
խառնակ
գիծերը,
մշտաշարժ
առարկաները
կը
ձեւազեղծեն
մեր
զգայութիւնները։
Անոնց
գլխէն
փախած
էր
երկինքը։
Ու
անոնց
ետին
պարտէզը,
յորդ,
հեռու,
խոշոր,
կը
թուէր
ողողել,
խղդել
մուտքին
փոքր
դուռը,
որ
այնքան
քիչ
կը
նմանէր
առաջամասի
հոյակապ
կառոյցին։
Արաբ
սպասուհի
մը
–
այդ
պալատներուն
համար
հեքիաթը
սեւ
ծառաներէ
կ’ախորժի–,
քովէն
կախ
կողով
մը։
Որ,
բաղնիքի
մը
ներքնադռնակը
յիշեցնող
բացուածքի
մը
մէջ,
խազման
քաշեց
ճակատի
կէսին
ու
մնաց
անշարժ։
Դեղին
անոր
աչքերը
ուռեցք
էին,
պայթելու
մօտ,
անշուշտ
կիներու
յատուկ
հետաքրքրութենէն,
ինչպէս
սիրեց
գուշակել
Սողոմին
մայրը,
մասամբ
պատրաստուած
սա
տեսարաններուն
գեղի
այն
կնիկներէն,
որոնք
կը
ճանչնային
քաղաքը,
իրենց
աղջիկնութիւնը
անցուցած
ըլլալով
անոր
մետաքսի
մանարաններուն
մէջ
ու
հեռուէ
հեռու
մտերիմ
Ջերմուկներու
պալատներուն,
անոնց
առջեւ
բացբերան
հիացումով
մը
կեցած
ու
սեւ
դռնապաններն
ու
սպասուհիները
գրգռած
ըլլալուն։
Պատանութեան
այս
տպաւորութիւնները
դժուար
կը
մեռնին,
ու
անոնց
ուժը
իրենց
բանաստեղծական
սա
այլուրութեանը
մէջն
է։
…Անոր
մտքին
մէջ
մարմին
եղաւ
վերջապէս
պալատը,
որ,
տաճկընալուն
առիթով
Սողոմին
անունին
հետ
եղեր
էր
բերանը
ամէնուն։
Ուշագրաւ
է,
որ
այդ
պատկերը
ճոխութեան
եւ
զեխութեան
զգայութիւններ
արթնցնէր
այդ
մարդոց
մէջ
ու
ըլլար
զերծ
արիւնի
եւ
ոճիրի
մառախուղէն,
որով
պլլուած
կը
ներկայանան
անոնք
Արեւելեան
Նահանգներու
մեր
արենակիցներուն։
Սողոմենց
տիկինին
միտքէն
անցան
դեռ
ուրիշ
ալ
մանրամասնութիւններ,
պատմուած
գեղի
հարուստներուն
կիներէն,
քանի
որ
նոր
հիւանդութիւններ
ամէն
Մայիսի
զանոնք
կ’իջեցնէին
Ջերմուկները։
Այդ
կիները
երդում
կ’ընէին
տեսած
ըլլալ
այդ
պալատը,
քաղած
ըլլալ
վարդեր,
լուսնի
չափ
մեծ,
որոնք
ձողացանկին
բացուածքէն
դուրս
կ’երկարէին
իրենց
բաժակները։
Ու
անոնք
կը
յիշէին
բաց
լանտոն
ներ,
որոնց
մէջ
հազիւ
ծածկուած
կնիկ
մը,
երկու
աղջիկներու
մէջտեղ,
կը
պտըտէր
Ջերմուկներու
խճուղին,
ջրուած՝
յատկապէս
այդ
անցքին
համար,
կը
կեցնէր
կառքը
գեղջուկներուն,
մուրացիկ
կոյրերուն
առջեւ,
մտիկ
կ’ընէր
անոնց
երգերուն,
խաղերուն,
աղօթքներուն։
Դիտուած
էր
անոր
հաւասար
մեղքնալը
բոլոր
թշուառներուն,
հայ
ու
թուրք։
Միշտ
այդ
ականատես
ու
ականջալուր
խաթուններուն
հաւաստումովը,
Սողոմը
կը
պաշտպանուէր
անպատճառ
այդ
հանըմներէն,
գոնէ
մեծէն,
որուն
դէմքը
կը
նոյնանար
վկայութեան
համար
բանտ
կանչուած
մարդոց
հաստատումովն
ալ,
իրենց
տեսածին։
Յետոյ՝
այդ
կիները
կ’անցնէին
խորհրդածութեան
ու
Սողոմին
տաճկընալը
կը
կապէին,
մահէն
փախուստէն
աւելի
(կասկածելի
էր
ստուգութիւնը
մահուան,
քանի
որ
կախաղանը
շատ
հազուադէպ
էր
դարձեր,
փոխարինուելով
տասնհինգ
կամ
հարիւր
մէկ
տարիով),
այդ
հանըմներէն
կարգադրուած
սատանայութեան
մը։
Ասոնք
մտածումներ
էին,
մտածումէ
անմասն
անոր
ուղեղին
համար,
որոնք
մէկէն
թանձրութիւն
առին։
Անիկա
հաւատաց,
թէ
իր
տղուն
պալատին
քարերն
էին
իր
կոխածները։
Միայն
չհասկցաւ,
թէ
ինչու
ճերմակ
չէին
անոնք,
քանի
որ
հեքիաթը
միայն
մարմար
կը
գործածէր
այդ
շէնքերուն
մէջ
իբր
սալարկ։
Ու
կը
քալէր։
Քանի
կը
խորանային,
կիսամութը
կը
շատնար,
բայց
աչքը
չէր
նեղուեր,
հետզհետէ
վարժուելուն։
Անցքի
երկու
երեսներուն
բացուածքներ,
ժամու
մեծ
պատուհաններուն
նման
փորուած
եւ
որոնց
վրայ
կամարը
կոտրած
գիծով
մը
նշաձեւ
բեկում
մը
կը
դնէր։
Դուռի
տեղ,
ճամիներուն
մուտքը
պատրաստող
կաշեպատ
ծածկոցներ,
որոնք
այդ
նրբանցքին
կու
տային
դժնդակ,
անառարկելի
թրքութիւն
մը։
…Մինչեւ
որ
հասան
լուսաւոր
տեղ
մը։
Համեմատական
ջերմութիւնը,
օդը
լեցնող
կերակուրի
բարակ
հոտերը
Սողոմենց
կնիկին
յիշեցուցին
պալատական
խոհանոցները,
որոնք
մեծ
էին
աւելի,
քան
իրենց
գեղին
ամէնէն
հարուստին
տունը
եւ
ուր,
օրուան
որեւէ
պահու,
հինգ
հարիւր
հոգի
ճաթեցնելու
չափ
ուտելիք
կը
ճարուէր,
առանց
դուրսէն
գունտ
մը
հացի
իսկ
պէտքի։
Հոն
առաջնորդող
անցքին
խղդուկ
ու
ցած
թրքութեանը
հակառակ,
այդ
խոհանոցը
ընդարձակ
սրահ
մըն
էր,
նման
անոնց,
ուր
կ’աշխատէին
գեղին
աղջիկները
խոզակէն
մետաքսը
քաշելու
համար։
Տաքութիւնը,
շոգին,
խաշանի
հոտը,
ու
խոշոր
նոյն
պատուհանները։
Ճերմակ
ծեփ
մը
անոր
պատերուն
կու
տար
կիսամարմար
ողորկութիւն։
Երկու
կողմերու
վրայ,
այդ
պատերը
բաժնուած
էին
առէքներու,
հանուած
անոնց
մարմիններէն,
վրայէ
վրայ,
եւ
ուր
շարք-շարք
կը
բազմէին
մեծփոր
խալկինները,
որոնցմէ
մէկ
քանին
խոշոր
էին,
քան
Սողոմենց
բակի
հազարնոց
տակառները
(ձիթապտուղ
աղելու)։
Յետոյ՝
աւելի
փոքրերը,
աստիճանաբար
իջնելով,
մինչեւ
ափի
մեծութեամբը
թասերուն։
Այդ
անօթներէն
մաս
մը,
առանց
կլայի,
մութ
ոսկիի
փայլ
մը
կը
ցաթէր
առէքներու
ճերմակին,
մաքրուած
պղինձին
տխուր,
բայց
պայծառ
փայլը։
Ու
կլայուածները,
ըսես
խաս
արծաթ։
Մեծ
կաթսաներէն
եւ
ափսէներէն
շատերուն
ականջին
մօտ,
ներսէն,
մրջնաձեւ
սեւութիւն
մը
գիրերու,
որոնք
պատմելու
էին
անունը
զիրենք
ստացող
ու
հոդ
բերող
փաշային,
սպային,
աղային,
հանըմին,
ինչպէս
էր
արդէն
իրականութիւնը
համեստուկ
իրենց
ալ
տունին,
հալաւի
նուէրներուն
–
պղնձեղէն
մասը
–
համար։
Պէտք
է
անցնիլ
հնոցներէն,
անոնց
մետաղեայ
մասերուն
շլացուցիչ
ողորկութիւններէն,
տախտակեղէնին
ջնարակէն,
աղբիւրներուն
փառ-փառ
վառող
ծորակներէն,
ափսէ
պնակներուն
խոշոր,
սենեակի
չափ
խոշոր
դարաններէն,
որոնք
հեքիաթն
ու
սա
իրականութիւնը
իրարու
կը
վերածէին
գեղջուկ
կնոջ
միտքին
մէջ։
Մնաց
որ,
գեղացիին
միտքը
մէկ
կը
գործէ
երկու
աշխարհներուն
ալ
վրայ։
…
Քովնտի
սենեակ
մը։
Բարակ
ու
անուշ
հոտ
մը,
որ
մնայուն
արտայայտութիւնն
էր,
դուք
ըսէք՝
հոգին
այդ
սենեակին,
թեթեւուկ
բան
մը
բացաւ
անոր
ճնշուած
ջիղերուն
վրայ։
Կիրճէ
մը
յետոյ,
հովիտին
քնքուշ
գուրգուրանքը,
կամ
արձակութիւնը
սարահարթին,
որոնք
կը
զգացուին
աւելի
խոր,
աւելի
բարի։
Ասկէ
զատ
պէտք
է
շեշտել
հոտերուն
մասնայատուկ
կեանքը,
առաքինութիւնները։
Որոնցմէ
ոմանք
մեզ
պիտի
պրկեն,
նեղեն,
չարչարեն։
Ուրիշներ՝
բանան,
թեթեւցնեն։
Սողոմենց
կինը
չէր
գիտեր,
որ
քսանէ
աւելի
տարիներ
թերեւս
այդ
պատերը,
մարմար
սալերը,
տախտակները
ծծեր
էին
վարդի
եղին
նուաղուն
հոգին
–
հո՛տ՝
որուն
տարփաւորն
էր
սարայլըն
շատ
անգայտ՝
բայց
հաւատարիմ։
Որ
կը
փաթթէր
անոր
մարմինը,
անտես
իր
շղարշին
մէջ։
Իմաստուն
մարձումներով
շաղուըւելով
մորթին
ու
բխելով
անկէ
դուրս
իբր
բուրումը
միսին։
Այդպէս
վարդացած
էր,
որ
անիկա
կը
պտըտէր
պալատին
բոլոր
անկիւնները։
Հասկնալի՞,
որ
այդ
հոտով
ըլլային
քանդակուած
–
եթէ
կը
ներուի
նման
բացատրութիւն
մը
–
անոր
խոհանոցը
ու
կից
սենեակին
ապրող
առարկաները։
Սողոմենց
կնիկը
այցուեցաւ
գեղի
մառաններէն,
չորեղէնի,
քաղցուեղէնի
յատուկ,
ուր
մտնողին
«քիթը
կը
փրթի»։
Խոհարարը
անոր
ցոյց
տուաւ
աթոռ,
հրեց
ուսերէն
ու
նստեցուց
գրեթէ
բռնի։
Կ’ընէր
այսպէս՝
ըլլալով
ծանօթ,
երգելու
կանչուած
մուրացիկներու
վախին
ու
յամառ,
շուարուն
մերժումին
տեղ
մը
նստելէ։
Յետոյ
հանեց
բաճկոնը։
Տակէն՝
մետաքսահիւս
սալթան,
որ
անոր
հաստ,
բայց
դէպի
մէջքը
նեղցող
իրանը
կ’ընդելուզէր,
երանգ-երանգ,
երիզաձեւ
թելերով,
բոլորն
ալ
ազնուազգի
մետաքսէ։
Այդպէս
պարտաւոր
էր
ան
պտըտիլ
հանըմին
ներկայութեան,
որ
Դամասկոսէն
բերել
կու
տար
անոր
նիւթը
եւ
ամէն
տարեմուտի
իր
ձեռքովը
կ’անցընէր
անոր
կռնակը։
Այդպէս
զգեստաւոր,
անոր
մարմինին
վայելչութիւնը
տպաւորիչ
էր
աշխարհէն
ա՛լ
ուրացուած
Սողոմենց
կնիկին
համար
անգամ,
որ
այդ
զգացումէն
զատ
գտաւ
տակաւին
սեւութիւնը,
խոր
ձգողութիւնը
անոր
աչքերուն։
Ու
գրաւիչ
էր
այդ
մարդը,
թաքուն
իր
անձնաւորութեան
լուսապսակէն,
մարդոց
շէն
մասէն,
որ
կեդրոն
ունի
դէմքը,
բայց
չ’ամբողջանար
անոր
ու
նպաստ
կ’առնէ
անտես
ուժերէ։
Կ’ըսեն,
թէ
մագնիսական
հոսանուտով
օժտուած
աչքեր
կան։
Կ’ըսեն,
թէ
այդ
հոսանուտը,
սեռին
իսկութիւնն
իսկ,
այդ
ճամբով
աղբերացող
դէպի
սիրտերը
ուրիշներուն։
Իրողութիւն
էր,
որ
սարայլըն
հաւատարիմ
էր
իր
տարփաւորին։
-Ո՞ւր
ես,
գիտե՞ս,
քուրո՛ւկ։
«Քուրուկը»
բերանը
բաց,
աչքը
ժուռ
կ’ածէր
մարդէն,
մածունով
ներկուած
ապակիներուն,
ինչպէս
կը
կարծէր
գիտնալ,
ու
մարմարներուն,
որոնց
մաքրութիւնը
կը
կրկնուէր
առաստաղին
միակտուր
մարմարովը,
որ
պարզ
իւղաներկ
մըն
էր,
բայց
անփորձները
կը
տպաւորէր
այլապէս։
-Սարայն
ես,
սարայը։
-Սողոմի՞ն
սարայը։
Քոմանտան
փաշային
հետաքրքրութիւնը
դէպի
ոճրագործը,
զայն
տաճկընալու
մղող
ազդակները
արձագանգած
էին
գեղ,
անշուշտ
խոշորցած
ու
խեղաթիւրուած։
Ժողովուրդի
երեւակայութիւնը
զայն
ըրած
էր
տէր
քանի
մը
պալատի։
Բացի
մօրմէն՝
քիչեր
կը
զբաղէին
գնովը
այդ
պալատներուն։
Պէտք
է
ճշդել
մասնաւոր
ալ
պարագայ
մը,
որուն
համեմատ
տաճկընալը
կը
թուէր
կորսնցուցած
իր
սարսափին
մեծ
մասը։
Ջարդերէն
առաջ,
գերդաստանի
մը
հասնելիք
խորագոյն
նախատի՛նքը,
Ջարդերէն
ետքը,
հասարակ
աղէտ
մըն
էր,
որ
կը
շահագրգռէր
ուղղակի
ենթական,
ժառանգութեան
(սերմի)
արատէն
մնալով
անմասն։
Սողոմին
սարա՜յը,
կ’ըսէին,
կը
խնդային
գեղացիները
ու
կը
քաշքշէին
հաւտացողները։
Խոհարարը,
առանց
հեգնութեան,
հարցուց.
-Ո՞վ
տուաւ
սա
սարայը
Սողոմին։
-Էս
գիտե՞մ,
օղուլ,
կ’ըսեն։
Մարդոց
բերանը
ընկոյզի
տոպրակ
չէ,
որ
կապես։
-Գեղը
շատ
բան
կ’ըսեն։
Դուն
հիմա
ինծի
տուր,
հեմ
աղէկ
դիէն,
դու
ատ
ականջներդ,
կը
հասկնա՞ս։
-Կը
հասկնամ,
օղուլ,
կը
հասկնամ։
-Ան
ատեն
աղէկ։
Ու
այդ
«աղէկ»ին
վրայ
քաղցրացաւ
անոր
դէմքը։
Մեր
ըսելիքը,
իր
թոյնովը
կամ
շաքարով,
դեռ
դուրս
չելած,
կը
ճառագայթէ
մեզմէ։
Համաձայն
մեր
մտածումին
կ’ըլլանք
խիստ
կամ
մեղմ։
-Հանը՞մը։
Ու
պարզուկ
անոր
բերանը
սրտառուչ
վախի
մը
մէջ
կրկին
բաց
մնաց։
Անիկա
շատ
կը
լսէր
այդ
կիներէն,
աղուոր,
խելացի,
զօրաւոր,
որոնք
իրենց
«ափին»
կը
պահէին
կապը
հարիւրով
մարդերու։
-Հոս,
հանըմը։
-Ի՞նչ
ունի
ինծի
հետ։
Իր
խեղճութիւնը
կը
կաթկթէր
բառերէն։
-Աղէկ
չեմ
գիտեր։
Ինչ
ալ
ըսէ,
խօսքը
երկուք
չընես,
հա՛։
-Ինչո՞ւ։
-Այնպէս։
-Թուրք
չէ՞։
-Թուրք
է,
ամա
մինակուկ
ծախու
կ’առնէ
մեր
գեղին
պիւթիւն
խաթունները։
-Ըսել
է
ծովուն
պէս
օսկի
ունի։
-Չհասկցար,
քուրուկս,
փարային
չէ
խօսքս։
Դուն
խապար
ունի՞ս
ինչ
է
բնութք
ըսուածը։
-Մեղա՜յ,
ինծի
օրանի
աղջի՞կ
կը
սեպես,
ի՛նչ
է։
Հոգին
չելած՝
բնութքը
չ’ելլեր
կ’ըսեն։
-Իշտէ
ատ։
-Է,
տաճիկ
չէ՞։
-Մի
նայիր
դուն
տաճկութեանը։
Հայ-քրիստոնեաներուն
մէջ
պիլէ
չկայ
նմանը։
-«Աստուծոյ
հրաշքը»,
-
արտաբերեց
կամացուկ,
գրեթէ
ինքը
իրեն,
մտածողի
երանգով,
Սողոմենց
տիկինը։
Դուռներու
բախումներ,
հեռուներէն,
որոնք
կը
յիշեցնէին
բաղնիքի
հարուածները։
Տեսակ
մը
խուլ
իրարանցում։
Անիկա
ի
զուր
աչքերը
կը
սեւեռէր
ներկուած
ապակիներուն,
որոնք
տեղի
զգայութիւնները
անկարելի
կ’ընէին
իրեն։
Բայց
պատերը
չէին
դադրած
թափանցիկ
ըլլալէ,
քանի
որ
անոնց
միւս
կողմէն
քայլերը
կ’որոշուէին։
Յետոյ
ճշդեց,
որ
շատ
մը
ձայներ,
գրեթէ
բոլորը
ճամբայ
ունէին,
բաց
դուռնէն,
դէպի
սա
սենեակը։
Ո՞վ
էր
սա
հողերուն
խորը,
այսպէս
թաղուած
մարդը։
Անիկա
կ’այրէր
հարցումէն։
Օգտուելով
ձայներու
ընդհատէ
մը.
-Դուն
ո՞վ
ես,
օղուլ։
-Կերակուր
եփող։
-Հոս
ի՞նչ
գործ
ունիս։
-Ըսի՝
կերակուր
կ’եփեմ։
-Իրե՞նք
ինչու
չեն
եփեր։
Խոհարարը
ունեցաւ
մեղմ
քմծիծաղ։
-Օտարին
եփածը
համ
կ’ունենա՞յ։
-Քու
խելքդ
շատ
բարակը
չի
կտրեր,
կը
նայիմ։
Ձեր
գեղին
հարուստները
իրենք
կ’եփեն,
չէ՞։
-Մեղա՜յ,
հապա
ո՞վ
եփէր
պըտը։
-Հոս
ուրիշ
է,
քուրո՛ւկ։
-Ըսել
է
դուն
ասոնց
դուռին
ծառան
ես։
-Խոհարարը։
-Մէկ
չէ՞։
-Ո՛չ։
-Թող
ըլլայ
ըսածիդ
պէս։
Շատո՞նց
է
հոս
ես։
-Քսան։
-Տարի՞։
-Հապա
շաբա՞թ։
-Ի՞նչ
գիտնամ,
օղուլ
տաճկըներուն
դուռը
դուն
ընտոր
կը
մնաս
ասչափ
տարի։
Ո՞ր
գեղացի
ես։
-Հեռուներէն։
-Ղարիպ
ես
ըսել
է։
-Անոր
պէս
բան
մը։
-Քանի՞
զաւակ
ունիս։
-Զաւակ
չունիմ։
Թէ՛
դժուար,
թէ՛
փոխուած
սա
յայտարարութի՜ւնը։
Սիրտերը
վարող
ո՛ր
անծանօթ
օրէնքին
ուժովը
երանգի
սա
այլացումը
հասաւ
մինչեւ
սա
գեղացի
կինը,
որ
քիչիկ
մը
շփոթ,
բայց
խորապէս
մեղքցող՝
աւելցուց.
-Տէրը
լուսաւորէ
բոլորին
ալ
հոգին։
-Մեռած
չեն,
քուրո՛ւկ։
-Ըսել
է
չես
ունեցած։
Տէրը
ինքը
հասնի
կնկանդ։
-Չեմ
կարգուած։
-Չես
կարգուա՜ծ։
Չկարգուած
մարդ
կ’ըլլա՞յ։
Մեղա՜յ։
Ողորմութեանդ
մեռնիմ,
Տիրո՛ւկ։
Աշխըրքին
ետքն
է
եկեր,
մենք
խապար
չունինք։
-Ուրկէ՞
կը
հանես
աշխարքին
վերջը։
-
Տալեան
ի
պէս
երիտասարդ
ես,
օղուլ։
Անո՞ւնդ
ինչ
է։
-Աւետիս։
-Մանչուկիս
անունը։
-Սողոմ
չէ՞։
-Սողոմէն
զատ
չորս
հատ
ունիմ։
Խօսակցութեան
սա
գնացքը
բաւական
խռովի՞չ
էր,
որպէսզի
երկուքն
ալ
լսած
չըլլային
քայլեր։
Դրան՝
բուսած
էր
աղջիկ
մը,
որ
մատը
բերնին
կը
նայէր
լռիկ։
Հասակ,
դէմք,
մազերու
հիւսք,
մա՛նաւանդ
մարմինի
հով
կ’ըսէին
ատիկա։
Ամէն
կին
գիտէ,
դիւրաւ
կը
թափանցէ
թաքուն
իմաստը,
որ
աղջիկն
է,
քանի
որ
անցած
է
մէջէն։
Քիչ՝
բայց
փափուկ
կարմիր
մը
սրտագրաւ
կ’ընէր
դալկութիւնը
անոր
դէմքին։
Յայտնի
էր,
որ
վազեր
էր՝
խոհանոց
գալու
համար։
Շունչին
մեղմ
յուզումը
կը
թուէր
աճեցնել
անոր
փոքր
կուրծքը,
ժպիտի
մօտ
ընդառաջող
այն
բա՛նը՝
որ
անծանօթը
մեզ
կ’ընէ
մատչելի,
առաջին
իսկ
հանդիպումէն։
Աչքով
խօսեցաւ
վարպետին
հետ
ու
մտաւ
ներս։
Հետը՝
հոտը,
ինչպէս
կը
պատահի
ասիկա,
երբ
մեր
մարմինը
անցնի
վարդենիներու
ածուներէն,
կամ
մօտիկէն՝
ռեհանի
թաղարներուն։
Վայելչութիւն,
մաքրութիւն,
մազերն
ի
վար
հանգուցուած
համայիլներուն
մութ
ուժը,
մարդամօտութիւն,
համեստութիւն
ու
անվրէպ
գրաւչութիւն։
Ասոնք
երբեմն
կը
միանան
աղջիկներու
վրայ,
դասական
գեղեցկութենէն
տարբեր
հրապոյրով
մը
ու
մեզ
կը
կապեն։
Անիկա
կեցաւ
ճիշդ
քովիկը՝
բերանաբաց
տիկինին։
-Անոր
աչքերը
ունի։
Ինքնիրեն,
խօսքը
տարտամօրէն
ուղղելով
խոհարարին,
որ
յօնքերուն
վրայէն
անցուց
իր
մատը,
քրտինքը
քամելու
համար։
Ձմեռուան
մէջ
սա
քրտի՜նքը։
Ուրիշ
ատեն
Եղնիկը
զայն
պիտի
քաշքշէր
այդ
«տաքութեան»
պատճառները
փնտռելով։
-Թուրքերէն
գիտե՞ս,
մայր։
-Քիչ
մը։
-Կը
բաւէ,
իրար
կը
հասկնանք։
Աթոռ
մը
քշեց
անոր
դէմը
ու
նստաւ,
ինչպէս
կը
նստէր՝
տարի
առաջ,
Հաւատիսին
ծունկերուն,
շփացած
ու
տխուր։
-Ի՜նչ
ալ
մարդամօտ
է,
-
ըսաւ
սուսիկ
Սողոմին
մայրը
խոհարարին,
որ
պարտաւորուեցաւ
թարգմանել
նախադասութիւնը,
գոհացում
տալու
համար
Եղնիկին։
-Աղէ՛կ,
-
աւելցուց
ժպտելով,
-
ձեր
կողմի
աղջիկները
մարդոց
չե՞ն
մօտենար։
-Հարուստին
քիթէն
ինկողը
հազար
կտոր
կ’ըլլայ։
Սողոմենց
հարսը
լեզուանի
կնիկ
էր,
կռիւի՝
ինչպէս
գովքի
մէջ,
ու
համ
ունէր
բառերէն։
-Քանի՞
տարեկան
ես,
մայր։
-Ի՛նչ
գիտնամ,
աղջիկս։
-Ինչպէ՛ս
չես
գիտնար։
-Մեր
կողմերը
աղջիկները
հարս
ելած
ատեն
մինակ
տարիք
կ’ունենան։
-Օ՜,
ատ
լաւ,
-
վրայ
տուաւ
աղջիկը,
ազատ
ու
կուշտ
խնդալով։
Ու
այդ
խնդուքը
կը
յարդարէր
անոր
դէմքը,
իմաստ
մը
թափելով
միսերու
շէնքին։
Երբեմն
կը
պատահի
ասիկա։
-Ե՞տքը։
-Հեղ
մըն
ալ՝
կեսուր
դառնալնուն։
-Ատ
աւելի
լաւ։
Դուն
խելացի
կնիկ
կ’երեւիս։
Ըսէ
տեսնեմ,
մօ՞տ
է
քու
կեսուր
ըլլալդ։
-Մօտ
էր,
հիմա,
հեռու
է
ա՛լ։
Աղջիկը
հասկցա՞ւ
չըսուած
մասը,
իմաստը
նախադասութեան,
որպէսզի
ելլէր
ոտքի,
քալէր
պատուհան։
Մատիկները
ապակիներուն՝
անիկա
կը
նուագէր
անծանօթ
եղանակ
մը,
երբեմն
սուլելով,
երբեմն
մրմնջելով,
բարակ՝
բայց
բաւական
արտայայտիչ,
որպէսզի
Սողոմենց
կնիկը
բաւական
յուզուէր,
այցուելով
ձայնին
այն
կրակէն,
որով
նոյն
հողերուն,
նոյն
երկրին
երգերը
վերածելի
են
իրարու,
ինչպէս
բուսականութիւնը։
Յետոյ՝
փախստեայ
«ամա՛ն»
մը,
որ
երգ
մը
կը
վերջացնէր,
նոյնքան
խռովիչ,
որքան
Սողոմին
«եամա՜ն»ը։
Եղնիկը
կ’ընէր
այսպէս,
Հաւատիսին
ծունկերէն
նետուելէ
ետքն
ալ,
երբ,
ձայնին
ճամբով,
իր
մէջ
մութ,
անհաս,
անորոշ
ուրիշ
ձայներ
դպէին
կարգ
մը
կսկիծ
տուող
լարերու։
Ցե՞ղ,
տարի՞ք,
արի՞ւն։
Անոր
մայրը
այդ
խռովքները
կը
տարտղնէր,
զինքը
առնելով
ու
դաշտերը
իյնալով,
հոծ
ու
գեղեցիկ,
ամայի՝
ինչպէս
հիւղակով
մասերուն
մէջ։
Ուր
կը
մոլորէին
անոնք
քանի
մը
ժամ,
մինչեւ
որ
կթոտէին
ծունկերը
ու
մարմինը
իյնար
։
Որքան
դժուար
կ’աճին
աղջիկներուն
հոգիները
ու
ի՜նչ
վտանգներու
հետ,
գիրկ
գիրկի՜։
-Ինչո՞ւ
փախար։
Համարձակ
էր
Սողոմենց
տիկինը։
Զարմացկոտ՝
աղջիկը
զարկաւ
անոր։
-Ինծի՞
ես,
մայր։
-Հապա
որո՞ւ։
Քովն
էր,
այս
անգամ
ոտքի։
Անոր
մէկ
ձեռքը
տեղաւորեց
կնոջ
գլխուն՝
հասունցած
յունապի
գոյնով
չէմպէր
ը
։
Ընտանի՛,
հինէն
ճանչուոր։
Հա՜յ՝
մա՛նաւանդ։
Կեավուրի
աչքով
անիկա
կը
շնչէր
մատղաշ
անոր
ձեւերը,
կոնքերուն
շրջագիծը
ու
ծիծերուն
պարոյրը,
հազիւ
նշմարելի։
Ոչ
մէկ
վախ՝
այդ
զննութեան
պահուն։
-Շա՞տ
կը
սիրես
տղադ։
-Առջինեկս
է։
-Միւսներէն
աւելի՞։
-Պապային
տեղը
կը
բռնէր։
-Պապա՞ն
ալ
սեւաչք
էր։
-Սեւաչք։
-Նշանա՞ծը։
-Աղէկ
է
ալ.
վէրքերը՝
գոցուելու
վրայ։
-Բոլորովի՞ն։
-Բոլորովին։
Թեթեւ
հով
մը
անզգալի,
Սողոմին
մօրմէն,
դպաւ
ու
անցաւ
Եղնիկին
դէմքին։
Մեր
դէմքին
միսերը
ջուրէն
ալ
կակուղ
են
երբեմն։
Անիկա
բացաւ
լայն՝
իր
արդէն
լայն
աչուկները
ու
ձայնով
մը,
որ
ժպիտ
ու
տրտմութիւն
էր
հաւասարապէս,
հարցուց
տիկինին.
-Շիտակ
ըսես
պիտի,
աղուո՞ր
աղջիկ
է։
-Ըռինդուկ
է,
զաւակս,
մազ,
պոյ,
ըքուի…
Դեռ
չէր
աւարտած
անիկա
գովեստը
Սողոմին
նշանածին,
երբ
զգաց,
որ
բան
մը
կը
թափէր,
մասով
մը`
վրան։
Եղնիկին
մազերն
էին,
յանկարծակի
արձակուած
իրենց
վրայէն։
Անուշահոտ,
մետաքս
այդ
հեղե՜ղը։
Առատութի՜ւնը։
Հապա
երկա՞յնքը։
Միւս
կէսը
մօտ
էր
հասնելու
կրունկին։
-Շիտակ
ըսէ,
այսչափ
մազ
ունի՞։
Երանելի
ժամանակներ,
երբ
աղջկան
մը
մազերը
կ’անցնէին
երգի։
Սողոմին
մայրը
վախով
ու
հաճոյքով
մատներուն
մէջ
առաւ
եղկ,
տաքուկ,
գրեթէ
գրգռիչ
այդ
թելերը,
ապրշում
ճմռելու
ձեւով
մը։
Ամէն
գեղացի
զգայուն
մատներ
ունի
հանդէպ
թելերու,
որոնց
շատ
մը
տեսակները
կը
գործածէ
տնական
հիւսքերու։
Հայերուն
մօտ
մազերու
օծումը
ընդհանրացած
չըլլալուն՝
Սողոմենց
կնիկը
զարմացկոտ
աչքերով
հասկնալ
կը
ջանար
ի՛նչն
էր,
որ
խռովիչ,
գրեթէ
գրգռիչ
կը
դառնար
անոնցմէ։
Մոռցե՞ր
էր
տղան,
անոր
սպասող
ողբերգութիւնը,
զբաղելու
համար
սա
տղու
խաղերուն։
Աւելի՜ն։
Այդ
մազերը
իր
մէջ
կ’արթնցնէին
ուրիշ
ալ
բաներ։
Ինքն
ալ
ունեցե՞ր
էր,
սա
աղջկանը
տարիքին։
Ու
տեսաւ,
որ
անոնց
ալիքին
վրայ
կրիայի
շրջուած
պատեաններու
նման
կը
լողային
մեղմ՝
սանտր
ու
համայիլ,
ոսկիներով
ընդելոյզ
ուրիշ
առարկաներ,
որոնց
անունը
չունէր
անիկա։
Հաւատիսը
քաշեց
ուժով
աղջկանը
թեւէն,
որ,
հնազանդ,
ինչպէս
զաւակ
մը,
գնաց
կռթնելու
խոհարարին։
Գրեթէ
կը
հասնէր
անոր
կզակին։
Քով
քովի,
երկու
դէմքերուն
վրայ
կաղապարի
նոյնութիւն
մը,
որ
տարածուեցաւ
աչքի
ու
յօնքերու
ալ
յարդարանքին։
-Ի՜նչ
ալ
կը
նմանիք
իրարու։
Պարտաւորուեցաւ
հայերէն
ըսուած
այս
նախադասութիւնը
թարգմանել
Եղնիկին,
որ,
ճառագայթուն,
բռնելով
խոհարարին
դունչը,
կը
պոռար.
-Տեսա՞ր,
տեսա՞ր։
Ե՞ս
ըսի։
Անոնց
կռի՜ւը,
հայլիներուն
առջեւ։
Խոհարարը
միշտ
հերքելով
նմանութեան
«առասպել»ը,
մայրը՝
միշտ
խուսափելով
մօտենալէ
հարցումին։
Աղջի՞կը։
–
Սիրելով
այդ
մութ
մասը
իր
հաճոյքին,
որ
խոհարարին
շունչէն,
ներկայութենէն
կը
բացուէր
իր
մէջ։
-Ի՞նչ
է
անունդ։
-Եղնիկ,
-
պատասխանեց
աղջկան
կողմէն
խոհարարը,
խօսակցութեան
փոխուելէն
յայտնապէս
ախորժած։
-Ինչ
ալ
շիտակ
անուն։
Եղնիկը
խնդաց
առատ։
Յետոյ,
քիչիկ
մը
հակած
դէպի
նստող
կինը,
չարաճճի`
ինչպէս
կ’ըսեն,
հարցուց.
-Ըսէ
նայիմ,
ինչո՞ւ։
-Տեսեր
եմ։
-Ի՞նչ։
-Եղնիկ։
Իրաւ
ալ,
մորթին
թեթեւ
դալկութեանը
վրայ,
անոր
աչքերը
լայն-լայն,
մասնաւորապէս
դեղինի
զարնող
խորք
մը
կը
բանային,
որոնցմէ
ներս,
բիբին
սեւը,
պճլտուն,
գծաւոր,
կը
թուէր
մեծնալ,
պզտիկնալ։
Բայց
ուշագրաւը՝
գողտր
ու
տպաւորիչ
վայելչութիւնն
էր,
որով
այդ
դէմքէն,
մազերէն,
հասակէն,
հոտէն,
զգեստէն
կը
ստեղծուէր
մէկ
պատկեր։
Երիտասարդ
մը
այդ
?????
էջ
479-ում
տպ.
սխալ
Բայց
տարիքը
առած
ամէն
կին
գեղերու
մէջ
կեսուրցու
աղջիկներու
հետ
իր
առաջին
հանդիպումը
կը
շահագործէ
տարբեր
հոգեբանութեամբ։
Ամէն
աղջիկ
հարսնցու
մըն
է
անոր
աչքին։
Ու
ամէն
աղջիկ
մարմնական
շէնք
մը,
որուն
վայելչութեան,
գործածելով
ճիշդ
բառը՝
գեղեցկութեան
համար
բծախնդիր
է
անիկա,
նոյնիսկ
ամէնէն
համեստ
սեմերէն
ալ
ներս։
Յետոյ
պիտի
գայ
հոգեկանը,
բայց
պիտի
գայ
աւելի
գերակշիռ։
Կեսուրը
քիչ
անգամ
ունայնամիտ
է
մարմնականով
պարծենալու.
ինք
պիտի
չառնէ
անշուշտ
իր
ծոցը։
Բայց
խորապէս
կապուած
է
հարսին
բնութքին,
որ
տունին
մէջ
խաղաղութեան
աղբիւրը
պիտի
ըլլայ։
Ո՜վ
փորձառութիւնը
տարիքն
առած
կիներուն։
Ինչե՜ր
ալ
գտած
են
այդ
զգայութիւնները
տպաւորիչ
ձեւով
մը
ուրիշներուն
կտակելու։
Անոնք
որքան
լաւ
կը
պատկերեն
փախստեայ
գեղեցկութիւնը,
շնորհները,
որոնք
աղջիկ
մը
այդքան
պուպրիկ
կ’ընծայեն,
բայց
գարնան
ձիւնին
նման
«մաղ
մը
արեւի»
կը
հալին
արագ։
Երեք
զաւկի
ցաւ
բաւ
է՝
խախտելու
անմահ
կաղապարը
կիներու
դէմքին։
Չորրորդին՝
անիկա
ինքզինքը
պիտի
սպառէ,
մինչ
այդ՝
աւլուած
է
մեր
ոսկորներէն
ինչ
որ
պատանութիւնը
դիզեր
էր
անոնց
շուրջը։
Միսը
կ’անցնի
։
Բայց
հոգի՞ն։
Պիտի
աճի։
Ու
ա՛ն
է,
որ
պիտի
կազմէ
զաւակները,
ասոնց
վրայով՝
ցեղը։
Անգիտակից՝
բայց
խոր
սա
մտածումնե՞րն
էին,
որ
տարազի
վերածուեցան
Սողոմենց
կնիկին
բերանէն։
-Երեսին
մեռոն
կայ,
օղուլ։
-Չըսի՞
քեզի։
Աւելցուց,
յաղթական՝
խոհարարը,
նոյն
ատեն
տրտում,
որ
չէր
կրնար
հարազատ
խորհուրդովը
թարգմանել
նախադասութեան
փոխաբերած
իմաստը,
հակառակ
անոր,
որ
Եղնիկը
ծանօթ
էր
բառին
հնչումին։
Անիկա
ամէն
ծնունդի,
Հաւատիսին
բերանէն
կը
լսէր
այդ
բառը։
Ու
շինած
էր
մտքին
մէջ
խոշորկեկ,
բայց
աղքատ
ու
հին
շէնք
մը
–
ինչպէս
ըլլալու
էին
հայերուն
բոլոր
ժամերը–,
այն
հեռու
եկեղեցին,
ուր,
ոսկի
եռոտանիին
վրայ,
ոսկի
կաթսայ
մը
կ’երեւակայէր,
իրենց
մէկ
սանին
մեծութեամբ։
Հազար
ծաղիկներու
հոգին
ինքնիրեն
պիտի
եռար,
երբ
հին
սուրբ
մարդու
մը
աջը
խառնէր
այդ
կաթսան
ու
պիտի
վերածուէր
դեղին
նիւթի
մը,
որմէ
կաթիլ
մը
բաւ
էր
մարդը
փոխելու։
Հեքիաթը
ազգութիւն
չունի։
Հարիւրով
պատմած
էր
անոնցմէ
վարպետ
Հաւատիսը,
բոլորն
ալ
լեցուն՝
երկինքէն
իջնող
լուսերով,
ողջնցող
մեռելներով,
առողջացող
հիւանդներով,
հայոց
աշխարհին
տրտում
բարութեամբը,
այնքան
տարբեր
թուրք
հեքիաթներէն,
ողողուած
դեւով
ու
թագաւորով,
սուրով
ու
կրակով։
-Կազէ՜լ…
Կամարի
տակէ
ճամբորդող
ճիչերուն,
կանչերուն
ճակատագիրն
է
աճիլ
ու
թանձրանալ։
Եղնիկը
թռաւ։
Ու
անոր
ձայնը,
պատասխան,
անուշ
էր,
«մեռոնոտ»՝
ինչպէս
կարծեց
զգալ
անոր
ետեւէն
գորովով
հիացիկ
մայրը
Սողոմին։
-Հո՜ս
եմ…
Առանց
լքելու
սենեակին
սեմը,
սպասող՝
անիկա
կիսովի
դարձած
ներս.
-Մամաս։
Չէր
գիտեր,
թէ
ի՛նչ
պէտքի
ներքեւ
ըսաւ
վերջին
բառը,
վասնզի
խոհարարը
կարօտ
չէր
այդ
ծանօթութեան
ու
գեղացի
կնիկը՝
գեղացի
կնիկ՝
քիչիկ
մը
լեցուն
բանով
մը,
որ
«արմանքը»
չէր
իրենց
թաղամէջի
նիստերուն,
երբ
կը
կտրէին,
կը
ձեւէին
աշխարհին
կարգերը,
համաձայն
իրենց
չոր,
տախտակ
տուներուն։
Այդ
պալատներուն
ներսն
ալ
հասուկ
աղջիկներ
կային,
որոնք
իրենց
մօրը
խօսքը
կ’ընէին
յուզումով։
Խոհարարը,
կամացուկ՝
-Հանըմն
է
եկողը։
Աւելի
կամաց,
գրեթէ
ականջին՝
-Խօսքը
երկուք
չընես,
հա՛…
«Մայր»
ու
աղջիկ
ներսն
էին
արդէն։
Թարմութիւնը,
մա՛նաւանդ
մորթայինը՝
պահած,
քիչիկ
մը
դէպի
կլորութիւն
հակող
կին
մըն
էր
«հանըմը»։
Անկէ
առաջին
այդ
տպաւորութիւնը՝
վասնզի
տարիքներու
հաւասարութիւն
մը
նախապէս
աշխատեր
էր
Սողոմին
մօրը
մտքին։
Բայց
տաճի՞կ։
Քառսուն
վկայ
պէտք
էր
այդ
անուշիկ
ձեւին
մէջ
տեղաւորելու
համար
ինչ
որ
մեր
կիներուն
երեւակայութիւնը
կը
յօրինէ
այդ
գազան,
անբարոյ,
վայրագ
արարածներէն,
փաշաներու
ծոցին
կամ
թուրք
գեղերը,
հսկայ
սօսիներու
ներքեւ
պորտ
խաղցնող
ու
տունը
աւրող
ճահիլներուն։
Չունէր
մա՛նաւանդ
դասական
սաւանը,
որով
խանձարուրուած
էին
անոր
մտքին
մէջ
բոլոր
թուրք
կիները,
դրացի
գեղերու
հարուստկեկ
պէյերու
ապրանք,
ձիով,
փայթոնով,
բոլորովին
փակ,
մինչեւ
իսկ
բերնէն,
կամ
այն
միւսները,
գաղթականներ
արտերու
վրայ,
իրենց
մէկ
ձեռքը
փորող
գործիքին,
միւսն
ալ՝
ղեկավարելու
ֆէրաճէն։
Մօտիկէն
կը
յիշեցնէր
իրենց
գեղին
մէջ-կնիկները,
սանկ
երսունէն
վեր,
զաւկէ
քիչ,
կտոր
մըն
ալ
թեթեւէն
ախտաւոր,
որոնք
իրենց
հարսնութեան
հրապոյրներէն
բաւական
բան
կը
յաջողէին
փրկել,
իրենք
զիրենք
հեռու
պահելով
լուացքէ,
թրելէ
(հաց),
ծանր
բեռներ
վերցնելէ,
դիմանալով
միսէ,
որ
արժէք
ունի
գեղացիին
«պռկըներուն»,
մորթէ
–
երբեմն
մինակ
փոխարինող
աշխարհ
մը
դաժանութիւն
ու
մեղք
–
ու
շէնքէ,
աս
ալ
բաւարար
պարծանք
խոշորկեկ
տունի
մը
ներքին
արժէքէն։
Ասոնք,
«աչքին
լոյսը»,
իրենց
էրիկներուն,
կը
հագուէին
տարբեր՝
միջին
տարազէն,
հոտելով
քաղաք,
ուր
կ’իջնային
հեղ
մը,
քանի
մը
տարին,
բժիշկներուն,
Ջերմուկներուն
ու
աւելի
նրբացած,
աւելի
բացուած
կը
դառնային
իրենց
թաղերը,
պատմելու
համար
«Պուսավու»
(Պրուսայի)
գեղեցկութիւններէն,
թուրք
հանըմներուն
հոյակապ
մարմիններէն։
Ու
կը
հասնէին
ուրիշներու,
իրենց
ձեռքէն
եկածը
չզլանալով
իբր
խելք
ու
թելադրութիւն,
գեղին
փոքրերը,
հարսնուկները
զարնող
զանազան
յանկարծահաս
ցաւերու
առջեւ։
Անոնց
համեստութի՜ւնը,
խնայելու
իրենց
տպաւորութիւնը
իրենց
տարեկիցներուն,
անոնք
ալ
կնիկ,
նոյն
շաբթու
ծնած,
բայց
երեսուն
չեղած`
արդէն
աւերակ։
Մեր
միտքը
շինուած
է
այսպէս։
Հոն
ինկող
մէկ
հատիկ
զգայութիւն
ծնունդ
կու
տայ
ուրիշ
հազարներու,
որոնք
իրերանցիկ՝
ինչպէս
ջուրին
երեսին
միակեդրոն
շրջանակները,
կը
շարունակեն
տարածուիլ
ու
լոյսին
բերել
անբացատրելի
զգացումներ։
-Բարի
եկար,
մայր։
Ու
կակուղ,
ադամանդով
ողողուն
իր
ափը
երկարեց
անիկա
Սողոմին
մօրը։
Նայեցան
հանդարտ
երկուքը
իրարու։
Չափաւոր
հասակ
մը
հանըմը
կ’ընէր
քիչիկ
մը
պարզ
ու
ընտանի։
Այս
զգայութեան
կը
նպաստէր
ձայնին
ալ
կշիռը,
որ
մեղմ
ելաւ
չափազանց,
հեռու՝
թուրքով
արմատացած
քլիշէէն։
Ու,
դառնալով
խոհարարին՝
-Հասկցուր
տիկինին,
որ
չվախնայ
մենէ.
իրեն
բարիք
միայն
կ’ուզենք
մենք։
-Հասկցայ։
Մտաւ
մէջ
Սողոմին
մայրը։
-Ըսել
է
գիտես
մեր
լեզուն.
աւելի
լաւ։
Առեր
էր
խոհարարէն
հրամցուած
աթոռը
մէկ
ձեռքով,
մինչ
միւսը
թեւէն
բռներ,
ոտքի
կնիկը։
Հպարտութեան
սա
պակա՜սը,
որմէ
ամէնէն
շատ
կը
տպաւորուին
աղքատները,
երբ
շփումի
մտնեն
դրամի
իշխաններուն
հետ։
-Նստէ։
Քաղցր։
Ու,
դառնալով
Եղնիկին՝
-Ֆերուզէն
քեզ
կ’ուզէ։
Սո՞ւտ։
Իրա՞ւ։
Աղջիկը
ելաւ
դուրս։
Եղնիկին
ուղղուած
բառերը
ծանր
հեղինակութիւն
մը
զգալի
կ’ընէին,
անուշ
խստութեամբ
մը
երանգաւոր։
-Հաւատի՛ս,
ըսի՞ր
իրեն,
որ
պիտի
չմերժէ
զիս։
-Ըսի,
հանըմ
էֆէնտի։
-Լաւ։
Սողոմենց
կինը
նկատեց,
որ
անոր
շեշտը,
Հաւատիսին
հետ,
տարբեր
էր,
աւելի
մօտ
իրեն
դէմ
գործածուածին։
Ու
դրաւ
կամացուկ
իր
դողդոջուն
ափը
Սողոմենց
տիկինին
ծունկին,
որ
դողաց
այդ
կակուղ
բանէն։
Թուրքերու
ազնուականութիւնը
կը
զատուի
Արեւմուտքին
խստամերժ
ձեւակերպութիւններէն։
Կինը
մա՛նաւանդ
շատ
մօտիկ
է
զանգուածին։
Սարայլըն,
առանց
այս
օրէնքին,
քաղցր
է
արդէն
շինուածքով։
Բարակ
հոտ
մը,
նոյնը՝
որով
կը
թուէր
ողողուած
սա
սենեակը,
զայն
առած
էր
շոգիի
մը
մէջ։
Սողոմենց
կինը
դիտեց,
որ
զգեստին
գոյնն
ու
այդ
մարմրուկ
հոտը
իրարու
կը
նմանէին։
-Դուն
գիտե՞ս,
որ
ինչ
գործի
համար
այսպէս
աճապարանքով
կանչուած
ես
մեր
քաղաքը։
-Գիտեմ։
-Շատ
լաւ։
Ու,
մանրելով
իր
աչքերը,
որոնց
ալ
գոյնը
մօտ
էր
ծածանող
հոտին,
հարցուց
անիկա.
-Կը
սիրե՞ս
զաւակդ։
Սողոմին
մայրը
չէր
հասկցած։
-Որո՞ւ
կ’ըսես
հանըմ։
-Քեզի։
-Ինծի՞։
Ո՞ր
մօրը
կարելի
է
ատանկ
հարցում։-Լա՛ւ։
Այդ
շատ
սիրած
զաւկիդ
համար,
անոր
կեանքը
ազատելու
համար,
այսօր
կ’ուզեմ,
որ
չերթաս
տեսնուելու
տղուդ
հետ,
ինչպէս
պատուիրած
ըլլալու
են
ձեր
մեծերը։
-Ո՞ւր։
-Ուրկէ՞
եկար
հոս։
-Ժամէն։
-Ի՞նչ
ըսին։
Սողոմենց
տիկինը
մտածեց։
Չէր
յիշեր,
թէ
մտիկ
չէր
ըրած
հայոց
առաջնորդին
կարգադրութիւնները։
-Միտքս
չէ,
-
պատասխանեց
անիկա,
ամչկոտ
ու
վախով։
-Աղէկ.
իմ
ուզածս
քիչ
բան
է
հիմա,
մայր։
Քահանային
հետ
բանտ
պիտի
չերթաս
տղադ
տեսնելու։
Սողոմենց
կինը
մնաց
լուռ։
-Չհասկցա՞ր։
-Հասկցայ։
-Ինչո՞ւ
չես
պատասխաներ։
-Ի՛նչ
պատասխանեմ,
հանըմ։
Ինչպէ՞ս
չերթամ
տղուս
քով,
մայր
եմ
ես։
Ու
կը
դողար
ձայնը
«մայր»ին
վրայ։
-Մայր
ես
ու
ճիշդ
ատոր
համար
երթալու
չես։
Սողոմենց
կինը,
սեւե՛ռ։
-Հարկաւ
քեզի
հասկցուցած
են
ամէն
բան։
Անոր
կեանքը
ազատելու
համար
ուրիշ
ճամբայ
չկայ։
-Հանըմ,
անուշիկ
աղջկանդ
արեւուն,
կ’ուզե՞ս,
որ
ազատի
իմ
տղաս։
-Ազատելէն
աւելին
է
ուզածս։
-Ի՞նչ
է
աւելին։
-Անոր
ալ
ատենը
կու
գայ
ու
կ’իմանաս։
Հիմա
քեզմէ
ուզուածը
այսօր
բանտ
չերթալն
է։
-Ի՞նչ
է
վնասը
իմ
երթալուս։
-Վնա՞սը։
Շատ
մեծ։
Անոր
ձայնը
տկարացաւ։
-Տղադ
կը
մեռնի։
-Ինչպէ՞ս։
Սիրտէն
զարնուած՝
Սողոմին
մայրը
նետուեր
էր
ոտքի։
Անոր
դէմքին
ինկած
էր
անյատակ
յուսահատութիւն։
-Նստէ։
Ու
դրաւ
մեղմով
զայն
իր
աթոռին։
-Նստէ՛։
Տղադ
կ’ուզէ
այդպէս։
-Տղաս
ի՞նչ
կ’ուզէ։
-Կ’ուզէ
որ
չերթաս
իրեն։
-Ինչո՞ւ։
-Դուն
ատիկա
չես
կրնար
հասկնալ
հիմա։
-Դուն
գիտե՞ս։
-Հարկաւ։
-Աւետիս
աղան
ալ
գիտէ՞։
-Ի՞նչ
օգուտ
անոր
գիտնալէն։
Անոնք
օտար
են։
Մայրը
միայն
կը
հասկնայ։
-Մա՜յրը։
Կուրնային
աչուըներս։
-Մի
ըսեր
այդպէս։
Ինչո՞ւ
կ’ըսես։
-Չհասնէի
աս
օրերուն։
Սիրտս,
վառուած
փուռ
է
աս
քանի
ամիս
է,
հանըմ։
Տղայ
ունի՞ս։
-Աղջիկ։
-Մէկ
է։
Ան
ալ
ճիկէրէն
փրթած
է։
Խօսակցութիւնը
ինքնաբերաբար
ստեղծեց
եղերական
այն
մթնոլորտը,
որ
մահուան
ներկայութեամբ
է
պայմանաւոր։
Գեղացի
կիներ,
օրուան
հացին
պէս
օրուան
լացը
ունին
իրենց
բաժին։
Մեռելէ
զերծ
չկայ
տուն։
Ու
իր
գործերը
կատարած
ընթացքին
կինը
կը
յիշէ
զ
ա
նոնք,
մեռելները,
որոնց
հոգիին
հանգիստին
համար
քանի
մը
տող
գովք
կը
կանչէ,
պաղշտկցնելով
գացածները՝
ինչպէս
ինքզինքը։
Այս
սովորութիւնը,
իր
ամէնօրեայ
կրկնումովն
ալ,
մաս
կը
կազմէ
խառնուածքին։
Անոր
ձայնը
խոնաւցած
էր։
-Լալը
օգուտ
չունի,
մարիկ
ս
։
-Ուրիշ
ի՞նչ
կու
գայ
ձեռքէս։
-Հարկաւ,
այս
ամէն
ը
այսպէս
կարգադրող
Աստուածը
մեզմէ
խելացի
է։
Չե՞ս
ընդունիր
։
-Կ’ըսեն
տերեւ
չի
ժաժիր
առանց
Անոր
հրամանին։
-Քանի
որ
այսպէս
է,
ձգէ,
որ
գործերը
քալեն
Անոր
գծած
ճամբովը։
Մարդոց
խելքը
կարճ
է
շատ
`
հասնելու
համար
Անոր
խորհուրդներուն։
Բայց,
արդէն
ատենը
անցած
է,
այս
բաներուն
մասին
քեզի
հետ
խօսելու։
Օրերով
աշխատեցայ
այս
պարզ
բաները
տղուդ
հասկցնելու։
-Դուն
կը
տեսնա՞ս
իմ
մանչս։
-Ուզած
ատենս։
-Հապա
ըսին,
որ
մարդ
չեն
ձգեր
քովը։
-Ես
մարդ
չեմ։
-Դուն
փաշային
կնիկը
չե՞ս։
-Ուրկէ՞
գիտես։
-Ամէն
մարդ
գիտէ։
-Ի՞նչ
գիտէ։
-Փաշային
կնիկը։
Սարայլըն,
տրտում,
ծիծաղեցաւ։
-Ինչե՞ր
կը
խօսին
փաշային
կնիկին
վրայ։
-Աղէկն
ալ,
գէշն
ալ՝
հանըմ։
-Գէ՞շը։
-Ամա՜ն,
իմ
ինչո՛ւս
է
պէտք,
ինչ
կ’ըսեն
օտարները։
Դուն
կը
տեսնես
իմին
ձագուկս։
Նիհարցա՞ծ
է։
-Ոչ։
-Գէրցա՞ծ
է։
-Աղէկ
է։
-Մեծցա՞ծ։
-Ո՞վ։
-Ո՛վ
ըլլայ
պիտի,
Սողոմը։
-Բանտին
մէջ
կամաց
կը
մեծնան։
-Ժամանակն
է,
հանըմ։
-Ինչի՞ն։
-Հասակ
առնելու։
-Քանի՞
տարեկան
է։
-Կաղանդին
պիտի
լմնցնէ
տասնինը։
-Կաղանդը
ի՞նչ
է։
-Տարեմուտ,
-
միջամտեց
խոհարարը։
Որ,
մտամփոփ,
զուսպ
յուզումով
կը
հետեւէր
խօսակցութեան։
Խռով
անոր
դէմքէն
փոխ-փոխ
անցան
տրտմութիւն,
անուշութիւն,
աշխարհքին
արմանքն
ու
ցաւը։
Անիկա
կը
ճանչնար
շողշողուն
կինը
մինչեւ
ծայրը
մեղրագոյն
մազերուն,
չարիքի
անկարող,
գորովոտ՝
բոլոր
դժբախտներուն,
ու
զերծ՝
հայու
եւ
թուրքի
իր
օրերուն
ա՛լ
ոճի
ելած
ատելութենէն։
Սողոմին
հարցին
մէջ
անիկա
կը
գործէր
իսկապէս
վերի
Աստուծուն
ճամբայովը։
Հայ
մը
աւելի
կամ
պակաս,
այդ
ճեննէթին
մէջ
անշուշտ
ոչինչ
կը
փոխէր։
Խոհարարը
կը
հաւատար
անոր
խելքին,
մա՛նաւանդ
միջոցներուն։
Ու
ամէն
օր
մտքին
մէջ
հեղ
մը
կը
շինէր
աստուածահաճոյ
ամիրան,
անունէն
շփոթուած,
բայց
հեքիաթին
համար
բաւ,
որ,
պատուհասելու
համար
իր
ժողովուրդը
հալածող
իշխան
մը,
չէր
վարանած
փաթթոցը
ընդունելու
`
դառնալով
այդ
հարուածով
պետութեան
մեծ
մարդը,
սպառսպուռ
կոտորելով
հեթանոսին
ամբողջ
գերդաստանը,
բայց
մնալով
հայ-քրիստոնեայ,
իր
պալատին
մէջ
անկիւն
մը
զատելով
սուրբ
խորանին,
ուր
կը
մտնէր
տաղաւարներուն,
լալու
իր
մեղքին
վրայ
ու
ճաշակելով
սուրբ
խորհուրդը
ղարիպ
տէրտէրի
մը
ձեռքէն։
Հեքիաթէն
դուրս
իր
ալ
ողբերգութիւնը։
Անիկա
«կը
փետտէր»,
այսպէս
ըսելու
համար,
հանըմին
բառերուն
արտաքին
կեղեւը։
Ներսի՞նը։
–
Պարզ
անոր
սիրտը։
Զոր
կը
կարդար
քսան
տարիներու
գիտութեամբ։
Մի՞ւսը։
Հա՜յ
մայրը։
Զոր
կը
ճանչնանք,
թերեւս
աշխարհ
ալ
չեկած։
Լեռներ
կը
բաժնէին
իրարմէ
այս
երկու
կիները։
Դիրքը,
դրամն
ու
գեղեցկութիւնը։
Բայց
կար
կէտ
մը,
ուր
այդ
երկու
լեռները
իրարու
կը
մօտենային
`
անցք
տալու
համար
թել
մը
ջուրին։
Դժբախտութեան
մէջ
սա
հաւասարութիւնը։
Մէկուն
կը
մեռնէր,
մեռնելու
էր
տղան,
կախուելով
կամ
տաճկընալով։
Միւսին՝
աղջիկը
ողջ-մեռել
կը
պառկէր
իր
օրրաթոռին։
Ու
չկար
ուժը
զայն
ոտքի
հանող։
Ցուրտերուն
հետ
անոր
ոտքին,
մէջքին
կապերը
կը
թուէին
աւելի
թուլցած։
-Սխալ
չըլլաս,
մայր.
իֆատէ
ն
քսանէն
վեր
ցոյց
կու
տայ։
-Իֆատէն
ինձմէ
աղէկ
չի
գիտնար,
հանըմ։
Եռանդուն
ու
հեռատես
միւսթանթիգին
խա՜ղը՝
տարիքը
մեծցնելու,
որպէսզի
օրէնքէն
պահանջուած
սահմանը
գտնէ՜ր։
-Պզտիկ
է
ուրեմն։
-Մեծերուն
մեծն
է
անիկա,
հանըմ։
-Լա՞ւ
տղայ
էր։
-Սուրբի
պէս։
Ողորմած
հոգի
հօրը
քիթէն
ինկած։
Աչքը
ելլայ
աղքատութեան։
-Ինչո՞ւ։
-Պապան
ողջ
ըլլար,
ի՞նչ
էր
իմ
ձագուկիս
գործը
ատ
անաստուածներուն,
գողերու,
բոզերու
ցեղին
տունը։
Առաջ
Աստուած,
չի՜
մնար
ընողին։
-Ո՜վ։
-Չմնաց
ա՜։
Հիմա
բուերը
պիտի
պարծենան։
-Չեմ
հասկնար։
-Աստուած
ամէնուն
խախէ
ն
կու
գայ։
-Որո՞ւ,
մայրիկ։
-Որո՜ւ։
Նալպանտենց
պոռնիկին։
Չնեղուիս
հանըմ,
էրած
է
սիրտս։
-Ո՞ւր
է
հիմա։
-Աղբրտանցը
քով։
Տահա-տահա՜
։
Նոր
կը
սկսի։
Իրենցմէ
վեր
Աստուած
կայ,
հանըմ։
Ամէն
օր,
բարի
լուսին
հետ,
աղօթքս
աս
է։
Շիլլին
ներքեւը
գայ,
գլխէ
հանեց
անմեղուկ
ձագուկս,
ինծի
ալ
աշխարհքին
խայտառակ
ըրաւ։
-Ձեր
գիրքերը
այսպէս
չեն
սորվեցներ,
մայրիկ։
-Դուն
ուրկէ՞
գիտես
մեր
գիրքերը։
-Ես
տակաւին
գիտեմ
շատ
բան։
Մի
անիծեր։
-Չանիծե՜լ։
Մայր
եմ
ես,
քուրուկ,
մա՜յր։
-Ան
ալ
մօր
զաւակ
է։
«Շիտակ»
կ’ըսէր
փաշային
կնիկը։
Սողոմին
մայրը
մտմտաց
կարճ։
Որո՞ւնն
էր
յանցանքը
այս
ամէնուն
մէջ։
Սեւամորթ
սպասուհի
մը,
երկիւղած,
ու
ոտներուն
ծայրը
կոխելէն՝
մտաւ
ներս։
Աւետիսը
կ’ուզուէր
դուրսէն։
Խոհարարին
բացակայութիւնը
երկու
կիները
կարծես
ըրաւ
աւելի
ազատ։
Զգաց
ատիկա
Սողոմին
մայրը,
որուն
մէջ
վստահութիւնը
խօսեր
էր
սարայլըին
«մեռոնէն»։
Ողբերգութիւն,
երկու
դիակներ,
կախաղան,
տաճկընալուն
ամօթը
ըսես
հեռացած
ըլլային։
Ըսես՝
դէմինը
իրենց
գեղէն
սանկ
միջակ
հարուստի
մը
բարեսիրտ
հարսն
ըլլար։
Ու
ինք
անոնց
տունը
ապուրցու
աղալու
հրաւիրուա՜ծ,
երկանքին
դարձէն
առաջ,
վարէն-վերէն
խօսելով։
-Ըսել
է
դուն
կը
տեսնաս
իմ
զաւակս։
-Այո՛։
-Շա՞տ։
-Երբ
որ
ըլլայ
պէտք։
-Մեռնի՜մ
ադ
աչքերուդ,
հանըմս։
-Ի
ն
չո՞ւ։
-Կը
տեսնես
պոյը
ձագուկիս։
-Շա՞տ
կը
սիրէիր։
-Ա՜խ,
իմին
պիւլպիւլ
Սողոմս։
Զարկաւ
ձեռքերը
երկու
ծունկերուն։
-Լման
գեղին
մէջ
հատ
մըն
ալ
չկայ
անոր
պէս։
Ու
վազեց
արցունքը։
Պարզ,
առանց
բառի։
Աղի՞,
լեղի՞։
Որպէսզի՜
դպէր
այնքան
ուժով
հանըմին,
որ
խռովեցաւ։
Ի՞նչն
է,
որ
մեր
աչքերը
կ’ընէ
այնքան
տարբեր,
երբ
նոյն
ապակին
է
դրուած
անոնց
առջին։
Բայց
աւելի
բարդ
է
միւս
հարցումը,
որ
կը
հարցնէր
անոնցմէ
վազած
այդ
ջուր
ի
տարողութիւնը։
Աղի՞։
Լեղի՞։
Ո՞վ
կը
դնէ
այս
զանազանութիւնը
այս
կաթիլներուն։
Զգածուած
ու
բարի՝
-Այդ
լացը
շատ
է,
մայրիկ։
Կը
հաւատա՞ր
ըսածին։
-Ընդհակառակն։
Դուն
չես
կրնար
վճարուիլ
ամէն
ժամ
փառք
տալով
Աստուծոյ։
Ուղղակի
անոր
մատովն
է,
որ
պիտի
ազատի
քու
շատ
սիրական
տղադ։
-Ի՞նչ
գնով,
հանըմ։
-Ադ
գինը
կտրողները
մեզի
պէս
մարդեր
են,
մայրիկ,
ու
չեն
կրնար
խելացի
ըլլալ
Աստուծմէ։
Շիտակ
չէ՞
ըսածս։
-Շիտակ
է։
-Այն
ատեն
վստահէ
մինակ
Աստուծոյ
ճամբաներուն։
Անիկա
իր
ծառաներուն
աղէկութիւնը
կ’ուզէ։
Այսպէս
կը
սո
ր
վեցնեն
մեր
գիրքերը։
Ձերինները
ուրի՞շ
կ’ըսեն։
-Ես
ի՛նչ
գիտնամ,
հանըմ։
Մեր
խելքը
ի՛նչ
կը
հասնի։
Ըսեր
են
«մազէն
երկայն,
խելքէն
կարճ»։
-Կարելի
է։
Բայց
մի
մոռնար,
որ
ինչպէս
մէկ
է
աս
աշխարհը,
այնպէս
ալ
մէկ
է
մեր
ու
ձեր
Աստուածը։
Սողոմենց
կինը,
աչքերը
լայն,
կը
ջանար
թափանցել
սա
«շիտակ»
խօսքերուն
ու
չէր
կրնար։
Մէ՞կ՝
Աստուածը
թուրքերուն
ու
հայուն։
-Չե՞ս
հաւատար։
-Ի՞նչ
գիտնամ,
հանըմ։
-Հոգ
չէ,
հիմա
չես
գիտեր,
օր
մը
կը
գիտնաս։
Զարկաւ
ձեռքերը
իրարու,
զգուշութեամբ։
Մատանիներուն
առատութիւնը
ցաւ
կու
տար
անոր
փափուկ
մատներուն։
Միւս
կողմէ՝
այդ
զարկը
արտայայտիչ
է
լեզուի
աստիճան։
Ընտանի,
անուշիկ,
մարդամօտ
իր
եղանակն
էր
ատիկա,
խոհարարը
կանչելու։
Աւետիսը
«բուսաւ»՝
ինչպէս
կ’ախորժէր
հեքիաթը,
նման
երեւումները
որակելու
ատեն։
-Վարպե՛տ,
տաք
բան
մը,
որ
խմէ։
Այսպէս
կը
վարուէր
անիկա
բոլոր
խոհարարներուն
հետ,
զանոնք
անգամ
մը
խոհանոց
առնելէ
յետոյ։
Հիւանդը,
կոյրը,
կաղը,
աշուղը,
ծերը,
կրօնաւորը,
ուխտաւորը,
նոյնիսկ
անվնաս
խենթերը
ապահով
էին
անոր
պալատին
առջեւ
չվռնտուելէ։
Մասնաւոր
սպասարկութիւն
մը
անոնց
կը
տրամադրէր
ջուր
ու
հաց,
օրուան
կէսէն
քիչ
առաջ։
Իրենց
դժբախտութիւնը
առանց
շահագործելու,
մուրացկանները
գիտէին
իրենց
եղերականութիւնը
արժեցնել,
երբ
խոշոր
հարուած
մը,
անսպասելիին
մուրճովը
կործանած
էր
այդ
մարդերը
ու
հաներ
դուրս
ընկերութեան
պարունակէն։
Պիտի
պատմէին
եղելութիւնը,
ամփոփ
ու
առանց
մեկնութեան։
Պիտի
օրհնէին
աշխարհին
մեծերն
ու
փոքրերը,
հարուստներն
ու
անկարները
ու
պիտի
հեռանային,
գոհ
դէմքով՝
փառաւոր
խոհանոցէն։
-Ես
բան
չեմ
ուտեր։
-Պատճա՞ռ։
-Բերանս
չի
բացուիր,
քանի
օր
կայ։
-Ինչո՞ւ
սակայն։
-Ինչո՜ւ։
Ըսել
է
եղածը
պզտիկ
բան
գիտես
դուն։
Ամիս
մըն
է,
գեղը
կ’առնէ-կու
տայ։
-Ինչե՞ր
կ’ըսեն
ձեր
գեղը։
-Հազար-հազար
բան։
-Օրինա՞կ։
-Ո՞ր
մէկը
պահեմ
միտքս։
Բերանը
բռնեց.
խօսիլ
չուզելու
սա
փափա՜քը,
զոր
նշմարեց
սակայն
ք
ո
մանտան
փաշային
կնիկը։
-Ինչո՞ւ
լռեցիր։
-Ըսին՝
կախեր
են,
ըսին՝
չես
հասնիր,
ըսին՝
չէ
կախուեր,
ըսին…
-Այո՞։
-Իրա՞ւը,
սո՞ւտը,
ուրիշներուն
բերնին
մէջ
կը
մեծնան,
հանըմ։
Մաշած
է
իմ
սիրտը։
Հազար
բերնի
հոտ
եմ
հանդուրժեր.
ո՛ր
մեղքիս
համար։
Աստուած
մինակ
ինքը
գիտէ
մօր
սիրտը։
Արցունքը
կրկին
ուրուացաւ։
Զայն
վանելու
համար,
սարայլըն
պարզ
ու
վստահ՝
-Ես
քեզի
ըսի
իրաւներուն
իրաւը։
Քու
ձեռքդ
է
ամէն
բան
հիմա։
-Իմ
վիզը
չուանին,
զաւկիս
համար,
տեղը,
հանըմ։
-Պէտք
չկայ
ատոր։
Տղադ
չես
տեսներ
ու
կը
բաւէ։
-Բնա՞ւ։
-Ո՞վ
ըսաւ
ատիկա։
Մինակ
այսօր։
-Յետո՞յ։
-Յետոյ,
ես
կը
կարգադրեմ
այնպէս,
որ
ուզածիդ
չափ
տեսնաս
մանչդ։
-Սիրտիդ
չափովը
գտնես,
հանըմ։
Խաղաղութի՜ւն։
Ինչ
տխո՜ւր
է
այս
բառը։
Ինչ
սուգ
ու
արիւն
կ’ա
ր
ժէ
անիկա
կողմերէն
մէկուն։
-Ըսել
է
կարգադրուած
է
ալ։
-Ի՞նչը,
հանըմ։
-Այն
գործը,
որուն
համար
եկած
էիր
այս
քաղաքը։
Ինծի
երբ
մտիկ
կ’ընես,
վստահ
եղիր,
որ
աղէկութիւն
կու
գայ
զաւկիդ,
հետն
ալ
ձեր
ամբողջ
տունին։
Խօսակցութիւնը
կանգ
առաւ,
երկու
կողմերուն
ալ
ներքին
մէկ
վարանումէն
հաւանաբար
ազդուած։
Քոմանտան
փաշային
կինը
մղումին
տակն
էր
աւելի
բացուելու,
բայց
գեղացի
այդ
կնոջ
դատելու
կարողութիւնը
զինքը
կ’ընէր
զգոյշ։
Սողոմին
մայրը
ինքզինքը
կ’ուտէր՝
արտայայտել
կարենալու
համար
գերագոյն
իր
փափաքը,
սա
րոպէին
իսկ
իր
տղան
տեսնելու։
Գեղեցիկ
աղջիկ
մը,
հագուած
ճերմակ
զգեստ,
տիկինին
բերաւ
կտոր
մը
թուղթ
ու
առանց
բառի,
նշանացի
շարժումի
մը
վրայ
հեռացաւ։
Պաշտօնագիր
մըն
էր,
որով
հերթապահ
սպան
«գործին
վերջը»
կը
ծանուցանէր
«օրինական
պայմաններու
մէջ»։
Պատուիրակութիւնը
տեսեր
էր
տղան,
ու
ճամբուեր։
Ընթերցումը
աւարտելու
վրայ
էր,
երբ
Եղնիկը
մտաւ
ու
առաւ
ձեռքէն
թուղթը։
Անոր
աչքերը
ըսես
կերան
այդ
էջ
մը
աւետիսը։
Դէմքին
ընդարձակ
խաղաղութիւն։
Հոգեկան
գոհունակութիւնը
կիներու
դէմքին
տարր
մըն
է
գեղեցկութեան։
Անոր
այդ
զգայութիւնը
անդրադարձա՞ւ
մօրն
ալ
երեսին,
ո
րպէսզի
հանգչած
բան
մըն
ալ
աւելնար
վրան։
Խոհարարը՝
անտարազելի
արտայայտութեա՛մբ
մը։
-Քուրո՛ւկ,
դուն
Աստուծմէ
վախցող
կնիկ
մըն
ես,
Աստուծոյ
անունով
քեզմէ
խնդրանք
ունիմ։
-Ի՞նչ
է
ուզածդ,
մայրիկ։
-Հեղիկ
մը
տեսնեմ
տղաս։
-Ըսի,
թէ
տեսնես
պիտի,
շատ
ու
շատ։
-Կ’ուզեմ
այսօր։
-Այսօ՜ր։
Թեթեւ
կնճիռ
մը
ուրուացաւ
սարայլըին
պայծառ
ճակատին։
Անիկա
ծանօթ
էր
գեղացիներուն
յեղյեղուկ
յամառութեան։
Պատուիրակութեան
ձախողանքէն
յետոյ
մօրը
բանտ
ներկայանալը
կը
կործանէր
արդէն
յաջողած
ձեռնարկը։
Աչքի
առջեւ
բերաւ
տղան,
մատենադարանին
սրահը,
գիշեր
մը
առաջ,
երբ
վճռապէս
յայտարարած
էր
իյնալ
մօրը
թեւերուն
եւ
մեռնիլ։
Ո՛չ
Եղնիկը,
ոչ
ալ
փաշան
իրենց
քաղցր
խօսքերովը,
հաստատ
խոստումներովը
չէին
կրցած
տապալել
անոր
բնազդական,
«յիմար»
վախը
այդ
հանդիպումէն։
Տղան
անտարբեր
էր
միւսներուն,
քահանային,
աղաներուն
բոլոր
հրաւէրներուն։
Ու
ըսեր
էր
սպառող
նախադասութիւնը.
-Կա՞յ
մեռնելէն
անդին։
Կեանքը
արժէքի
կ’ելլէ,
ամէն
ապրանքի
նման,
իր
շուկային
վրայ։
Բանտին
մէջ
անիկա
չունի
մեծ
կշիռ,
ինչպէս
չունի
ժանիքին
տակը
մահացու
ախտերու։
Այս
դրուագը
վերադարձեր
էր,
իր
հոծ
ու
տխուր
սարսուռովը,
սարայլըին
միտքին։
Անիկա
եղաւ
փափուկ
ու
տրտում։
-Բայց
չէ՞
որ
խօսք
տուիր
չերթալու։
-Ո՞ւր։
-Բանտը։
-Ո՞ւր
է
տղաս։
Սարայլըն
աչքով
չափեց
շուարուն
կինը։
Կը
գթա՞ր
վրան,
թէ
կը
զղջար
միջամուխ
ըլլալուն։
Չ
տուաւ
սակայն
հարցումին
գոհացումը։
Երկարեց
թուղթը
Եղնիկին։
Նշա՛ն՝
զայն
դուրս
ղրկելու։
Յետոյ՝
իր
աչքերը
եղան
շփոթ,
գրեթէ
ամօթահար
Աւետիսին
սեւեռ
նայուածքին
ներքեւ։
Խոհարարը
մօտեցեր
էր
երկու
կիներուն,
տառապագին
խաղաղութեան
ձեւ
մը
վրան,
մեծ
մատովը
քերելով
ճակտին
մէկ
գիծը,
ըսաւ.
-Տէր
Աստուած,
բաց
մեզի
քու
ճամբադ։
-Տէր
Քրիստոս…
-Ամէն…
Սարայլըն
էր։
Երկինքին
այս
մօտութի՜ւնը,
մեծ
տագնապներու
պարունակէն։
Որ
մեզ
կ’ընէ
արի,
վճռական
ու
մեծ։
-Դուն
ո՛ւր
որ
ուզես,
հանըմ։
Անդրադարձա՞ւ
ըսածին,
թէ
լքեր
էր
ինքզինքը՝
իրմէն
վեր
մտածումէ
մը
ընկճուած,
երբ
աւելցուց.
-Աստուծոյ
կամքը
ըլլայ։
-Այո՞։
-Ուրիշ
ի՛նչ
կու
գայ
իմ
ձեռքէս։
Լռեց։
Յետոյ
ծեծուելով
տիրական
իր
յուզումէն.
-Բանտը,
հոս,
ուրիշ
տեղ,
ո՛ւր
որ
կ’ուզես,
մէկ
է
ինծի
համար։
Անիկա
կ’անգիտանար
արգելքին
իրական
զսպանակը։
Իր
սեւեռուն
գաղափարը՝
տեսնելն
էր
տղան։
-Տեսնամ
հեղ
մը,
կախուիմ
ուսերէն,
պագնեմ
ճակատը։
Անկէ
ետքը
թաղեցէք
ինծի.
հոգիս
հելալ
ըլլայ
ձեզի։
-Մի
խօսիր
այսպէս,
մայրիկ։
Չի
մեռնիր,
որ
այդ
տեսակ
յուսահատ
խօսքեր
կ’ըսես։
-Մեռնիլը
քանի՞
ձեւ
ունի,
հանըմ։
-Նորէն
չսկսինք։
Անիկա
պիտի
ապրի,
մեծ,
շատ
մեծ
մարդ
պիտի
ըլլայ,
եթէ
Աստուած
ուզէ։
-Մեծ
մա՞րդ
պիտի
ըլլայ։
-Այո։
-Շա՞տ
մեծ,
պէ՞յ,
փաշա՞։
-Եթէ
Աստուած
ուզէ։
-Պալատներու
տէ՞ր։
-Եթէ
Աստուած
ուզէ։
Սողոմենց
կնիկին
աչքին
եղաւ
իրենց
պզտիկ
տունը,
չորս
սենեակով,
բակովը՝
ուր
կովուն
թրիքը
պատերուն
հոգին
էր
շիներ
ու
թա՜ղը,
հազիւ
բեռնաւոր
ձի
մը
արտօնող։
Ու
եղաւ
անոր
աչքին
մեծ
պալատը
նաւահանգիստի
փաշային,
բլո
ւ
ր
մը
ամբողջ
իր
պարիսպներուն
կուլ
տուած,
հարիւրով
շէնքերու
արժէք
ներկայացնող,
ինչպէս
կը
վիճէին
իրարու
հետ,
կառքին
մէջ,
պատուիրակութեան
անդամները,
երբ
Պրուսա
գալու
ատեն
կ’անցնէին
անոր
կալուածներուն
եզերքէն։
Անոնց
մէջ
ապրողն
ալ
մարդ
մըն
էր,
մօրէ
մերկ
ծնած
մը,
ինչպէս
են
բոլոր
մարդոց
որդիները։
Հիմա՞։
Իր
երազին
մէջէն
մայրը
անգիտակից
յուզումով
մը
ըսաւ.
-Անոր
կամքը
ըլլայ։
-Ամէն։
-Մեզի
կը
մոռնա՞յ։
-Մայրը
չեն
մոռնար։
-Տաճկըցո՞ղն
ալ
չի
մոռնար։
-Տաճիկը
մայր
չէ՞։
Գրեթէ
խիստ։
Վասնզի
առաջին
անգամն
էր,
որ
կը
լսէր
այ
ս
քան
պարզ
ու
խորունկ
նախատինք
մը,
հանդէպ
իր
ցեղին։
-Ի՞նչ
գիտնամ,
հանըմ։
Ունէր
ըսելիք,
բայց
չըսաւ։
-Մեր
կրօնքը
կը
թողու,
որ
կիները
պահեն
իրենց
հաւատքը,
երբ
իրենց
ամուսինին
հետ
սիրով
կ’ապրին։
-Ի՞նչ
ըսիր,
հանըմ,
չհասկցայ։
-Հայ
աղջիկ
մը,
եթէ
ուզէ,
կրնայ
իր
հաւատքը
պահել,
երբ
թուրքի
մը
կին
երթայ։
-Իրա՞ւ
է
ըսածդ։
-Այնքան
իրաւ՝
որքան
զաւակդ։
-Նշանա՞ծը։
-Նշանա
ծ
ը
ի՞նչ
է։
-Անուշի՛կը։
-Չեմ
հասկնար։
-Դելոնենց
Անուշիկը։
-Նորէն
չհասկցայ։
-Մեղա՜յ,
Անուշի՛կը
իշտէ։
Ինչո՛ւ
չէր
տար
Սողոմին
անունը,
որուն
ն
շանածն
էր
այդ
աղջիկը։
-Ո՞վ
է
ատիկա։
-Դուն
չես
գիտեր
ըսել
է։
Յետոյ,
քերելով
ծոծրակը
–
խելքը
շարժումի
հանող
սովորութի
՞
ւն,
–
անիկա
անփոյթ
ու
անխելք,
փախցուց
բերանէն՝
-Հապա
աղջիկը
գիտէ
նէ
։
-Դուն
կը
ճանչնա՞ս
աղջիկս։
-Անունն
ալ
գիտեմ,
հանըմ։
Աստուած
օրն
ու
արեւը
պահէ։
Եւ
ի՜նչ
աչուի,
ի՜նչ
ըքուի…
Մայրը
խնդաց
անուշիկ։
Հասուն
աղջիկ
ունեցող
ամէն
կին,
գովեստ
սպասող
մայր
մըն
է,
ամէն
բանէ
առաջ։
-Չըսիր,
թէ
ի՞նչ
է
գիտցածը
իմ
աղջկանս։
-Անունը։
Տարիքը։
-Որո՞ւ։
-Վէրքերը։
-Ինչե՜ր
կ’ըսես։
-Մեղա՜յ,
ես
ինձմէ
չեմ
հաներ
ասոնք,
հանըմս,
ինք
հարցուց
ինծի։
Ես
ալ
ըսի՝
աղէկ
է,
ըռինդցաւ.
-Ո՞վ։
-Անուշիկը։
Աստուած
ողորմեցաւ։
Բայց
յանկարծական
տագնապ
մը
դանակի
մը
բերանին
նման
կտրեց
անոր
ձայնը
կոկորդին
խորէն։
Անոր
աչքին
փռուած
էր
դիակը
մեծ
աղջկան,
գնդակներէն
բզիկ-բզիկ,
երբ
մեռելը
լոգցուցած
ատենը
«աղբուր»
մը
ջուր
էր
վատնուեր,
արիւնը
հանելու
միսերուն
վրայէն։
Անոր
բարձը
քակեր
էին
բամպակի
համար։
Գնդակներուն
ծակերը
չէին
գոցուած
քիչ
բանով։
Ու
պատա՛նքը,
որ
հինգ
վայրկեանէն
կարմրած
էր,
դագաղին
մէջ
դրուելէն
ետքը։
…Ամիս
մը
գովք,
իրկուն-առտու
գերեզման,
անշուշտ։
Մինչեւ
որ
կիներուն
արցունքովը,
գգուանքովը,
հողքը
դադրի
իր
ահաւոր
իմաստէն,
իր
մէջ
կուլ
տուածը
մարսէ
կամացուկ,
վերածուի
անուշիկ
պատկերի,
քանի
մը
նոր
ծիլ
կանանչէ
հսկուած
ու,
մա՛նաւանդ՝
դառնայ
իր
մեծ
պատգամին,
մեզ
ամէնուն
սպասող
անվրէպ
վճիռին։
Սողոմին
մայրը
չէր
կրնար
մոռնալ
պատկերին
խժդժութիւնը։
Բայց
ահա
նոր
գերեզմա՜նը,
որ
կը
տիրէր
«միտքին
մահադաշտին»։
Անիկա
բռնեց
պուկը,
ուժգին,
բարբարոս։
Այդ
ճիգին
մէջ
դէմքին
մկանները
առին
երկիւղագին
խստութիւնը։
Արցունքին
ու
ձայնին
մէ՞կ
են
ճամբաները,
որպէսզի
կիները
այդպէս
նեղեն
իրենց
կոկորդը՝
չլալու
համար։
-Բժիշկները
աղէկցուցին…
Յստա՛կ։
Ով
իմանար,
թէ
ի՜նչ
գնով։
Անիկա
թաղեր
էր
իր
աղջիկը,
անցեր
ողջին։
Անուշին,
ու
ասոր
հարուածներուն
կապուած
եղերայոյզ
տագնապանքին։
Արցունքին
ու
ցաւին
ալիքներուն
վրայ
զգայարանական
այս
ելեւէջները
մեզ
կը
զարմացնեն
իրենց
արագութեամբը։
-Ի՞նչ
կ’ըսէ
այս
կինը,
Հաւատիս։
Խոհարարը
պարտաւորուեցաւ
բացատրել
«անհասկնալին»։
Օրերով,
Եղնիկին
հետ,
անիկա
խօսեր
էր
այդ
Անուշիկին
վրայ,
զոր
գտած
էր
փաշային
աղջիկը,
նախ՝
թղթածրարէն,
յետոյ՝
Սողոմին
շրթներէն։
Յա
ճ
ա
խ,
թուղթերը,
մա՛նաւանդ
պաշտօնականները
մեռել
կու
տան։
Ամբողջ
թղթածրարին
մէջ
Եղնիկը,
Նալպանտենց
հարսէն
յետոյ,
հետաքրքրուած
էր
այդ
դէմքով,
տարեկից,
Սողոմին
մարմինը
գնդակներու
դէմ
պատսպարող,
վիրաւոր
ինկող
ու
աղէկնալու
վրայ։
(Ինչո՞ւ
չէր
զբաղեր
տղուն
քրոջմովը)։
Անոր
ցանկութի՜ւնը՝
զայն
տեսնելու
Սողոմին
շրթներուն
վրայ։
Ու
իր
ցա՜ւը՝
իր
գտածին։
Այդ
անունին
շուրջը
մահապարտը
եղեր
էր
զգօն,
գրեթէ
չէզոք,
ինչպէս
իրականին
մէջ,
իր
հոգին՝
հանդէպ
նշանածին։
Գեղերու
մէջ
սէրը
ուշ
կը
սկսի,
պսակէն
շատ
ուշ,
առջի
զաւկին
օրրանին
հազիւ
գոյն
կ’առնէ,
գտնելու
համար
իր
իմաստը
զաւկի
մը
հողքին
դիմաց,
երբ,
լացէն
ու
խունկէն
յետոյ,
էրիկ-կնիկ
կը
նստին
քիչ
մը
անձայն,
քիչիկ-քիչիկ
բացուելով,
յիշելու
համար
հողքին
տակի
պզտիկին
ժպիտը,
աս
ու
ան
չմոռցուելիք
շարժումը,
ճիչը,
խաղը,
վազքը,
ըրած
աւերները
ու,
մա՛նաւանդ՝
ախտին
ճիրաններուն
մէջ
եղը
անոր
նայուածքին,
որ
կը
մարի։
…։
Եղնիկը
տենդագին
աշխատցուց
իր
էմմին,
դուք
կը
հասկնաք՝
Հաւատիսը։
Ու
երկուքով
անոնք
շինեցին
հասակ
մը
Դելոնենց
Անուշիկին,
զայն
ձեւելով,
յարմարցնելով
Սողոմին։
Յետոյ՝
դէ՜մքը,
զայն
առնելով
Սողոմին
հայրենակից
աղջիկներէն։
Անշուշտ,
անունը
իմաստ
ու
դեր
ունեցաւ
այդ
արտայա
յ
տութեան
յօրինումին
մէջը։
Անոնց
դժուար
եղաւ
հրաժարիլ
անգամ
մը
կազմուած,
պատրաստ
գաղափարներէ,
որոնց
համեմատ
գեղին
մէջ
խակութիւնը
պայման
է
ամէնէն
գեղեցիկ
ձեւերը
նուաճող։
Ասիկա
այսպէս
էր
խոհարարին
երգերուն
կամ
հեքիաթներուն
ալ
մէջը…։
Սարայլըն
կ’անգիտանար
սակայն
Եղնիկին
այցերը
մետաքսի
մանարաններուն,
ազատ
ձգած
ըլլալով
աղջիկը
իր
պտոյտներուն
մէջ,
անշուշտ
պահակի
մը
ընկերակցութեամբ։
Կէս
դարէ
ի
վեր
քաղաքին
մէջ
հաստատուած
մանարանները
իրենց
բանուորուհին
կը
ճարեն
շրջանի
հայ
գեղերէն,
թրքուհին,
թէկուզ
աւուր
հացի
կարօտը,
նամէհրամին
արգելքովը
օգտագործել
չկրնալով։
…Աշնան,
աղուոր
էտինքի
մը,
Կիրակի
(ուրիշ
օրեր,
այդ
աղջիկները
չէին
երեւեր
քաղաքին
մէջ)
անոնք
եղեր
էին
այդ
աղջիկներուն
մէջ,
բոլորն
ալ
Սողոմին
գեղէն,
մանարանի
մը
կռնակին։
Հասարակաց
զբօսավայր
մըն
էր
այդ
սարաւանդը,
որուն
հիւսիսային
թաղը
կը
միանար
մանարանի
պարտէզին,
ձողացանկ,
մեծ
աւազաններով։
Հոդ,
անպակաս,
խաւարտին
վրայ,
տրտում
եւ
ուրախ,
կիրակնօրեայ,
պոռոտ
պասմայէ
իրենց
ֆիստան
ներուն
մէջ
անգամ
կը
դիմանար
անոնց
բնական
գրաւչութիւնը,
պատանութեան
սրտառուչ
նուէ՜րը՝
մեր
դէմքին։
Հակառակ
սպաննող
աշխատանքին,
անոնք
բարակ
ու
անուշ
հասակներ
ունէին
ու,
մա՛նաւանդ՝
պարկեշտութիւն,
չնայելով
թուրքերու՝
վախէն,
հայերու՝
ամօթէն,
երբ
ըլլային
անոնք
էրիկ-մարդ։
Բայց
զննող,
համարձակ
էր
անոնց
նայուածքը,
երբ
կը
չափէր
կիները։
Հասկցող,
միամիտ
անոնց
գնահատո՜ւմը
փարթամ
այդ
ձեւերուն
վրայ,
որոնք,
Պրուսայի
դաշտին
մէջ
կը
բուսնին
բացառիկ
շնորհներով։
Ջո՞ւրը,
հո՞ղը,
հո՞վն
է,
որ
անոնց
երեսները
կ’ընէ
այնքան
նուրբ,
գունաւէտ
ու
ողորկ։
Անոնց
վրայ
իրենց
հիացումը
բանաձեւած
ատեննին,
այդ
աղջիկները
չէին
մոռնար
դէզ-դէզ
օգտագործել
փաստերը
անոնց
հեշտ,
հանգստաւէտ
կեանքին։
Ու
կը
չափէին
նոյն
անվրէպ
նայուածքով
մա՛նաւանդ
իրենց
տարեկիցները,
մոմէ
ու
խունկէ,
կարմիրէ
ու
ձիւնէ
շինուած
աղջիկները
կիսասքող
տեսակէն,
այսինքն՝
թուրք,
որոնց
ետեւօք,
չորս-հինգ
քայլ
միջոցով,
քանի
մը
սեւամորթ
կը
կենային
անզբաղ,
բայց
մռայլ
–
կարմիր
ֆէսերը
ատենը
հեղ
մը
տեղաւորելէն
–
պահապանները՝
այդ
պէկերու,
փաշաներու
ծնունդներուն։
Ատոնց
կարգին,
խոհարարը,
որուն
ազգութիւնը
կը
մնար
կասկածելի,
փաստովը
Եղնիկին,
որ
ով
գիտէ
ի՜նչ
քմայքով,
այդ
պտոյտներուն
իր
մազերը
կ’առնէր
աւանդական
վառին
մէջ,
ու
փաստովը
իրենց
աչքերուն,
Կիրակիի
ժամուն
զայն
տեսած
այնքան
անգամներ։
Կը
գովէին
անոնք
համը
այդ
աղջկան
աչքերուն,
մորթին
սիրտ
առնող,
թափանցիկ
տաքութիւնը,
որով
միսը
կը
զատուի
ճերմակին
փուտէն
։
Ու
կու
տային
երանի,
ամէնէն
աւելի
անոր
սքանչելի
ձեռքին
մատներուն,
իրենց
խնամքով
պահած
իրենց
գոգնոցներուն
ներքեւ,
ամօթէն
ու
ցաւէն։
Տասնվեց
ժամ
եռացած
ջուրի
մէջ
մտնող
ու
ելլող
այդ
մատները
բանուորուհիներուն
կը
դադրէին
կարծես
անոնց
պատկանելէ,
դառնալու
համար
ոսկոր։
Մորթը
հարիւր
չէ,
հազար
հեղ
է,
որ
կը
թափէր
անոնց
վրայէն։
Փա՜ռք
հինային,
որ
այդպէս
մերկացած
մատներուն
կը
ճարէր
տեսակ
մը
պ
ատենք,
խարտոցէ
ելած,
կոշկոռուտ
ու
բիրտ։
Փա՜ռք
արջասպին,
որուն
անգոյն,
հեղուկ
կրակը
կը
նորոգէր
եռացած
ջուրին
կրծած,
փոսցուցած
մատները։
Հակառակ
այս
ամէնուն,
անո՞ւշ՝
գեղի
սա
աղջիկները։
–
Էի՛ն
ատիկա,
բոլորն
ալ,
առանց
փարթամ,
ողողող
մարմիններու։
Քիչիկ
մը
դալո՜ւկ,
որ
տուրքն
էր
շոգիին
ու
գեղջկական
առատութիւնը
կը
մեղմէր,
արիւնին
առատ
տախտակէն
ստեղծելով
կիսամոյնքը
գեղձին։
Ութ
տարեկանին
անոնք
կ
ը
մտնէին
մանարան,
ու
ամէն
օր
տասնվեց
ժամ
կը
ծծէին
այդ
խոնաւ
աշխարհը,
եռացող
ջուրին
ու
հոն
խ
աշած
դիակին
հոտը։
Հասկնալի
էր,
որ
չարաչար
սա
աշխատանքին
մէջ,
անոնք
չունենային
ատեն
առատ
մարմին
ճարելու։
Բայց
ծնունդի
գեղջկական
առողջութիւնը
–
անոնց
մայրերը,
աղքատութեան
մէջ
աչք
բացած,
միջոցը
չէին
ունեցած
հարուստի
հիւանդութիւններ
շահելու,
իրենց
արգանդներէն
–
դեռ
կը
պաշտպանէր
զանոնք,
այդ
դժնդակ
պայմաններուն
ալ
մէջը,
զանոնք
ընելով
համակրելի,
անուշիկ։
Կի՞ն։
–
Դժուար
էր
գործածել
այդ
բառը
սա
մատաղ
ու
քիչ
զարգացած
ձեւերուն,
առանց
մատնիի,
ցայտուն
կուրծքի
ո
ւ
կոնքի։
Ունէին
հրապոյրը
նայուածքին,
որ
կը
հովանաւորէ
աղջիկները,
նոյնիսկ
ամէնէն
մեղաւոր
մորթին
ալ
ետեւէն։
Անոնց
կուրծքին,
բոլորին
ալ
անխտիր,
կախ
էր
ոսկի
շարոցը,
երբեմն
բազմալար,
երբեմն
առանձին։
Ու
բոլորին
ալ
թեւերուն՝
ապար
ա
ն
ջ
ը,
թուրքերուն՝
հիլալ
ը,
մետաղի
տեղ
ապակի,
բայց
թիւով
շատ,
բազմազգի,
որոնք
անոնց
շարժումները
կ’ընէին
կիսահունչ,
գուշակուած
մեղեդի…։
Սողոմի՞ն
ալ
նշանած
ը
։
–
Մէկը
ասոնցմէ։
…Աղջիկն
ե
րը,
առանց
փաշա
հայրեր
ունենալու
եւ
առանց
դատական
թղթածրարներ
ուսումնասիրելու,
պարտքին
տակն
են
սեռին
ու
տարիքին,
այսինքն՝
անպայմանօրէն
հետաքրքիր։
…Հայոց
թաղերէն
դէպի
բանտին
պալատը,
խոհարարին
հետ
անոնք
ոտքով
կտրեր
էին
վայրէջքը։
Ու
այդ
կոկիկ,
զուսպ,
մաքուր
տուներուն,
Եղնիկը
ճանչցաւ
քաղքենիները,
հաստատ
կաղապարովը
դաշտին
ընդհանուր
տիպարին,
որ
վեր
է
երբեմն
ցեղային
կնիքէն։
Լայն,
գրաւիչ
իր
նրբութենէն
չհեռացած
կաղապար
մը,
որ
նոյնն
է
դեղձին
ու
խնձորին,
ծառերուն,
ինչպէս
մարդ-ծառին
համար։
…Եղնիկը
չմտաւ
հայոց
եկեղեցին,
որուն
առջեւէն
կ’անցնէր
ճամբան,
հակառակ
խոհարարին
փափաքին։
Չէր
գիտեր
զսպանակը
իր
մերժումին։
…Այդ
իրիկունը
մինչեւ
կէս
գիշեր
անիկա
խօսեցուց
խոհարարը,
իրենց
հեռու
Խարբերդէն,
ու
հասկցաք
անշուշտ,
անոր
աղջիկներէն,
նշանի
երգերէն,
հարսնիքներէն,
ու
խուլ,
անհաւատալի
տրամներէն,
ուզելով
ամէնը,
եղանակ
ու
բառ,
մարմին
ու
գործիք,
հետաքրքրութենէն
վեր
ոգիով։
Այս
ամէնէն,
խոհարարը
ըսաւ
այնքան՝
որքան
անհրաժեշտ
էր
`
լսելու
համար
քոմանտան
փաշային
կնոջմէն։
-Հասկցայ,
Հաւատի՛ս,
հասկցայ։
Ջախջախուած,
խեղճ
ու
տարօրէն
բարի։
Հասկցո՛ղը՝
սարայլըն։
Որ,
վէպի
մը
յարդարուն
հերոսուհին
ըլլալէ
առաջ՝
թուրք
կին
մըն
էր։
Կէս
դար
առաջուան
խմորէն։
Որ
իր
փաշա
ամուսինին
Հոգեբանական
փորձարկութիւններ
ը
կ’անգիտանար
գիտակից
զանցումով
մը
ու
գիտուն
դասախօսին
վարկին
հակառակ,
մատ
չէր
երկարեր
անոր
նոթերուն,
գիրի
հանդէպ
իր
խորշանքին
մէջ
օգտուելով
ան
միւս
ալ
զզուանքէն,
մարդ
անասունին
իր
մէջ
ամբարուած,
զոր
քանի
մը
հազար
ի
հասնող
այդ
խուժանը
կ’արտածորէր
իրմէ,
բանտին
խիստ
պատերն
ալ
ծակել-անցնելով։
Աշխարհը
ճանչնալը
դառնանալ
կը
նշանակէ։
Ու
ամէն
դառնացող
ինքզինքը
մեծ
տեսնող
դժբախտ
մըն
է։
Թուրքերու
ընտանիքին
մէջ
ամէնէն
դառնացածը
մայրն
է
միշտ։
Պալատէ
մը
(հօրը
կողմէն),
ուր
այդ
ընտանիքին
մեծ
թերութիւնները,
մեռած
իր
մօրը
ճարտար
ու
հզօր
պաշտպանութեամբը,
չէին
փաթթուած
անոր
փէշերուն՝
անիկա,
ինչպէս
պռկունքէն
չճեղքուած
նռան
ծաղիկ
(թուրքերը
կ’ըսէին՝
քիթէն
չարիւնած,
հասկնալի
ակնարկումով)
մատուցուեր
էր
փատիշահին
վայելումին,
ու
մնացած
կէս
ճամբան։
Երազի
այնքան
նմանող
այդ
ծոցին
յաջորդ
վեց
ամիսները
անիկա
անցուց
ոսկի
վանդակի
մը
մէջ,
շրջապատուած
ճերմակ
ու
սեւ
հսկողութեամբ
մը,
մայր
դառնալու
սպասումով։
Բախտը
լքեց
զինքը
սակայն։
Այս
վճիռէն
ետքը
իր
դասակարգին
աղջիկները
տէրը
կը
դառնան
իրենց
ճակատագրին։
Արքունական
ծոցը
ընդմիշտ
փակուած
է
անոնց։
Ոմանք
կը
մնան
կամաւոր
գերի,
ոսկի
վանդակին
մէջ
աւելցնելով
թիւը
հարճերուն
ու
կրելով
պայման-շղթաները
կանանոցին։
Ուրիշները,
կը
ձգեն
զայն,
ամուսնանալով
փատիշահէն
ընտրուած
էրիկի
մը
հետ,
հաղորդուելու
համար
արձակ
աշխարհէն։
Անշուշտ,
ասոնցմէ
օժտուածները,
խառնուածքով
ու
բացառիկ
ապրանքները,
կանանոցին
մէջ
իրենց
կատարելագործումը
ձեռք
ձգելէ
ետքը,
իրենց
տիրապետութեան
տակ
պիտի
պտըտցնէին
խրտուիլակ
իրենց
էրիկները
ու
իրենց
տարփանքներուն
հատորներովը
պիտի
անցնին
ամբոխային
պատմումին,
որ
լրագրէն
առաջ
թուրքերուն
գրականութիւնն
էր,
սրճարաններու
մէջ
խռնուած
խուժանին
մատուցուող
աս
ու
ան
մէտտահ
ին
տաղանդովը։
Քիչեր,
առանց
խաթարուելու
հոգիի
իրենց
հիմնական
գիծերէն,
պիտի
յաջողին
ազատիլ
պալատէն,
իրենց
վրիպանքը
երկարօրէն
տանելով
ինչպէս
գորշ,
անջինջ
շուք
մը
իրենց
օրերուն
դեղին
կտաւին
վրայ։
Անոնց
ֆիզիքը
պիտի
շահի
հոգիին
այս
նուաղումովը,
ու
պիտի
ըլլան
տխուր,
որքան
բարի,
ու
ան
ս
րբագրելի
կերպով
միամիտ,
վասնզի
կոտրած
են
սափորը
իրենց
մեծագոյն
փառասիրութեան։
Փատիշահին
ծոցէն
ու
կանանոցին
դրախտէն
ետքը
ծեր
է
անոնց
հոգին
ու
անմխիթար։
Հասկնալի՜,
որ
անոնք
կեանքին
նային
մեզի
անծանօթ
ակնոցով
ու
փնտռեն
ինչ
որ
չունին
յոյսը
գտնելու,
–
աշխարհը
համի
վերածող
վիճակը,
որ
կախարդական
հիւսք
ունի
ու
վեր
է
ոսկիէն
ու
փառքէն։
Հասկնալի՜,
որ
անոնք
խորշին
ցոյցէն,
ոսկի
երիզով
համազգեստներուն
հրապոյրէն
ու
ճգնողի
մը
բարքերով
քաւեն
քաղցր
երազը
իրենց
տասնվեց
տարիներուն։
…։
Այսպէս
է
անցած
առաջին
կէսը,
գէշ
բառով
մը՝
գարունքը
սարայլըին
կեանքին։
Երկրորդ
կէսը՝
ծանօթ
է
մեզի,
խոշոր
իր
գիծերէն։
Պոլսէն
դարձաւ
անիկա
իր
հօրը
պալատը,
դեռ
իշխանուհի,
յամառ
անարիւնութիւն
մը
դարմանելու
պատրուակով
ու
փատիշահին
ցուցմունքովը
ամուսնացաւ
Պրուսայի
մեծահարուստ
ընտանիքներէն
տղու
մը,
այն
ատեն
բարակ,
գեղանի
երիտասարդ,
նոր
հասած
Գերմանիայէն։
Որ,
Արեւմուտքին
գաղափարագրական
ազատութիւնը
ուխտած
էր
հաշտեցնել
Արեւելքին
խուլ,
անվրէպ
պաշտամունքին,
մնալ
սիրելի
վեհապետին,
բայց
արեւմտեան
ընտանիքին
հիմնական
սկզբունքները
գործադրել,
զգուշանալով
բարքերը
ուժգնօրէն
վիրաւորելէ,
իր
պալատին
մէջ
արտօնելով
կինը
շրջագայիլ
առանց
սաւանի,
միւս
կողմէ՝
կենդանի
պահելով
կանանոցը
(ուր
կը
տրուէին
բուժումի
ու
հասուննալու
մատղաշ
աղջիկներ),
վաւերական
թուրքի
նման
արհամարհելով
սեռային
մարզին
վրայ
Արեւմուտքն
ու
Արեւելքը։
Երբ
այս
տողերը
կը
գրուին,
թուրքերուն
մէջ,
թուղթի
վրայ
խոշոր
փոփոխութիւններ
կը
հաստատեն
լրագրողները
թուրք
ընտանիքի
կազմական
պայմաններէն։
Ինծի
համար
դժուար
է
վարժուիլ
այդ
լաւատեսութեան։
Հինգ
դարու
անոնց
կայսրութիւնը
հերքումն
իսկ
է
ընտանիքին։
Այնպէս
որ,
մարդ
ազգերու
շարքին
մէ
ջ
նմանը
չի
գտներ
այսքան
արագ
շրջափոխութեան
մը։
Գերման
ցնծուհիներուն
մօտ
շփացած
անոր
արեւելականութիւնը
պիտի
բախէր
իր
կնոջը
իրական
ու
իրաւական
իշխանազնութեան։
Ամուսնութեան
առաջին
ամիսը
բաւ
էր
եղած
սպառելու
իշխանին
ախորժակները։
Անիկա,
ազդմունքին
տակը
իր
պապերուն,
անցաւ
աւանդական
աւազանը
սեռին
ու
փնտռեց
հաճոյքը
անխառն
անասունի
ազատութեամբ
մը։
Ո՛չ
գերման
զգօնութիւնը,
ոչ
ալ
գերման
հոգեբանութիւնը
կարող
եղան
զսպելու
կիսակազմ
բնազդները
Արեւելքի
իշխանին,
ինչպէս
կ’անուանէին
զինքը
կապելա
ներու
աժան
աղջիկները։
Անոր
կինը,
քսանը
նոր
մտած,
փափուկ,
կամազուրկ,
խելօք
արարած,
փատիշահին
ծոցը,
իր
վախկոտութեամբը,
տեսակ
մը
հոգեկան
ամօթի
էր
վերածեր
ու,
փոխանակ
այդ
«մեղքը»
արժեցնելու՝
նուաճու
ե
ր
էր
անկէ։
Շուտով
չափէր
պիտի
գերման
ազատամտութիւնը,
Արեւելքը
ու
անոր
իշխանները։
Բայց
չլքեց
ամուսնական
յարկը,
մօրը
ճնշումով,
որ
յստակ
կը
կարդար
ճամբան
բոլոր
սարայլըներուն,
երբ
անգամ
մը
անոնք
ելլէին
դուրս
իրենց
արահետէն
։
Ինչպէ՜ս
գտաւ
անիկա
իր
հաւասարակշռութիւնը
այդ
ճահճախուտ
գետ
ի
նին
վրայ։
Ո՞վ
անոր
աչքին
արժեցուց
խոնարհներուն
գեղեցկութիւնը,
ուժը,
թարմութիւնը։
Պոլիս,
արքունի
կանանոցին
մէջ,
գեղանի
իշխաններէն
աւելի
ախոռի
պահապաններ,
դարաստանի
մատղաշ
բանուորներ,
երբեմն
հաց
եփողներ,
խոհարարներ,
երբեմն
ամենաթշուառ
աշուղներ
նախընտրելի
տարփաւորներ
էին
փարթամ
ու
անկուշտ
այդ
արգանդներէն։
…Քսանմէկին՝
անիկա
գտած
էր
իր
խոհարարը,
պարզ
պայմաններու
մէջ,
երբ
արեւադիր
սենեակի
մը
պատշգամին
(ննջասենեակներու
այդ
պատշգամները
կը
յօրինուին
սենեակին
ներքին
մարմինէն,
բոյնի
պէս
զետեղուելով
պարտէզ
նայող
պատին
ծոցը),
անտեղի
մսուք
մը
դարմանելու
համար
տաք
ջուր
էր
պահանջած
խոհանոցէն։
Վարպետին
օգնականը,
քսան
չմտած
տղայ,
ամանով
ջուրը
բերեր
էր
մինչեւ
դուռը
սենեակին
ու
ձայներ։
Ներսէն
հրաման
մը։
Անիկա
դողալով
տարած
էր
ամանը
ու
դրած
հանըմին
մ
օ
տիկ,
աչքերը
գետին։
Անոր
վախը,
յուզումը,
դողը
պատճառնե՞ր՝
որպէսզի
հրաւիրուէր
աչքերը
ընելու
վեր,
նայելու։
Տուած
էր
այդ
տղան
ուզուած
պատասխանները,
հանդարտ
մնալու
կեղծիքին
մէջ
ինքզինքը
մատնելով
ու
սիրտը
շարժելով
մանկամարդ
կնոջ,
որուն
զգայարանքներուն
վրայ
սեռային
խռովքը
դաժան,
փորձ,
ապասերած
լրբութիւն
մըն
էր,
փատիշա
հ
էն՝
ինչպէս
իշխանէն,
զինքը
ունենալու
ատեն
այնքան
անասուն,
այնքան
հեռու՝
սա
նուազող
յուզումէն։
Տուած
էր
այդ
տղան
ազգութիւնը,
հայրենիքը,
փոքր
գիծերը
որբութեան։
Յետո՞յ։
Կանչուած՝
ոտքերը
մարձելու,
տաք
ջուրին
մէջ,
իշխանուհիին։
Անոր
դալկացումը,
թրթռումը
նոր
պատճառնե՜ր՝
որպէսզի
սարայլըն
դնէր
ձեռքը
անոր
ուսերուն,
յետոյ՝
բեռը
իր
մարմինին,
յետոյ՝
ին
ք
զինքը
ամբողջ…։
Մեծ
տարփանքները
վիպական
սկիզբ
կ’ունենան
երբեմն։
Այդ
օրէն
ետք
իշխանուհին
գտած
էր
ինքզինքը,
ու
ասիկա՝
առանց
միջնորդի,
պառաւներէ
ճարուած,
հազար
ծպտումներով
հարեմ
մտցուած
պէյճիկներու
փորձանքին։
Անշուշտ,
ամէն
ուժգին
զգացում
մազի
պէս
բարակ
արմատներ
ունի։
Դժբախտաբար
վէպին
էջերը
թոյլատու
չեն
այդ
արմատները
պրպտելու։
Կը
բաւականանամ
դիտել
տալով,
որ
Ջերմուկներու
պալատին
մէջ
երբ
անոր
ամուսինը
մատղաշ
աղջիկները
բաղնիք
կ’առաջնորդէր,
ինք,
մութին
վրայ
իր
պատուհանը
բացած,
ականջը
կու
տար
դուրսի
հեծքերուն,
աշուղէ,
մուրացիկէ,
անցորդէ։
Երբեմն
ալ
ներսէն,
իր
իսկ
պարտէզէն։
Հայուն
տղան
ունէր
ձայներուն
անուշը,
սրտառուչը։
Յետո՞յ։
Հայուն
տղան
ունէր
աչքերուն
խորը,
սրտագրաւը։
Յետո՞յ։
Հայուն
տղան
ունէր
մութ
ու
անչափելի
ձգողութիւն
մը,
որ
հազուադէպ
ըլլալուն
չափովը
եղերական
ալ
է
իր
շրջապատին։
Կրօնի,
տարիքի
եւ
դիրքի
տարբերութիւնը,
աշխարհն
ու
իր
նկատումները
կը
նմանին
կանանչ
տերեւներու,
որոնք
բոցի
դէմ
բռնուելէ
ետքը
կը
փոշիանան։
…։
Պէտք
է
քալել։
Այդ
օրէն,
սարայլըն
մեղմացաւ
ինքը
իր
դէմ,
ու
հարկադրաբար՝
էրկանը
դէմ,
թողելով,
որ
փոխուին,
նորոգուին
հարճերը,
կուսակալութեան
զանազան
գաւառակներէն
իբր
ազգականուհի
պալատ
բերուած
գեղանի
աղջիկները,
առանց
ցոյցի,
կռիւի։
Առանձին
վէ՞պ
սա
անհաւատալի
տարփանքը,
այդքան
ընդարձակ
ապականութեանց
ընդմէջէն,
հարիւրով
աչքերու
զննութեան
ներքեւ,
մնալու
համար
անգուշակելի։
–
Թերեւս։
Առջի
զաւակը
ու
անոր
դիեցումը
–
երեխան
ճղճիմ
էր
չափազանց
–
անոր
արժեցին
ոսկեդարը
իր
կեանքին,
զոր
անցուց
մօրը
պալատին
մէջ։
Հետն
էր
առած
խոհարարին
աշկերտը,
որ
սորված
էր
կերակուր
ու
սիրտ
եփելը
հաւասար
արագութեամբ
ու
տաղանդով։
Անդրանիկին
հիւանդկախ
ու
անաճուն
տրտմութի՞ւնը,
թէ
ուրիշ
փափաք
մը
զայն
ձգեցին
յղի
երկրորդով
մը,
–
պարագայ
մը,
որ
տեղի
տուաւ
թուաբանական,
լուսնային
ու
արեւային
տարիներու
տարբերութեան,
շնորհիւ
հազիւ
լուծելի
կնճիռներու։
Անոր
էրիկը
քիչ
կու
գար
կնոջը
պալատը
ու
գիտուն
էր,
չմոռնալ
ասիկա։
Բնախօս
ու
հոգեբան
պէյը
–
այն
օրերուն
դեռ
փաշա
չէր
–
մեծ
արժէք
տուաւ,
բարեբախտաբար,
հոգեբանական
մեծագոյն
փաստին,
որ
կու
գար
իր
կնոջը
զգայարանական
գրեթէ
սառած
ժուժկալութենէն
ու
չիւրացուց
օրացոյցներուն
լեզուն,
իր
բացակայութիւնը
իր
կնոջ
անկողինէն,
առնուած
ըլլալով,
մասնաւոր
յիմարութեամբ
մը,
տարփանքին
մէջը
Պոլսէն
ժամանած
պալատական
իշխանուհիի
մը,
չի
յիշուիր
ո՛ր
սուլթանին
պարագաներէն,
որ,
կանանոցէն
խոյս
տալու
դասական
եղանակը
կ’օգտագործէր,
իր
հիւանդութիւնը
–
չունե
ց
ա
ծ
–
դարմանելու
համար,
Ջերմուկներու
բոլոր
ծանօթ
ջուրերը
փորձելով,
այդ
արահետէն
մտնելու
համար
նաեւ
հռչակաւոր
բաղնիքը
քոմանտան
պէյին,
յօդացաւի,
մէջքի
ցաւի,
պաղած
արիւնի
դէմ
հրաշագործ։
Անդին
կը
ծնէր
Եղնիկը,
լեցուն,
առողջ,
սեփ-սեւ
աչքերով,
դէմքի
կաղապարով
մը,
որուն
բաղադրիչ
գիծերը
հետզհետէ
պիտի
դառնային
վտանգող,
եւ
զոր
արտաքին
զարդերը,
ամէն
օր
փոխուող
գլխարկները,
համայիլները,
ոսկիները,
ներկն
ու
փոշին
հազիւ
յաջողեցան
տարտղնել։
Այս
ճարտար
միջոցները
անոր
համար
շինեցին
մշտափոփոխ
դէմք
մը,
ա՛յնքան՝
որ
տարիներու
հետ
անոր
հայրը,
շրջապատը
վարժուեցան
այդ
անկայուն
շնորհին։
Վտանգը
զայն
ըրա
ւ
զգոյշ
`
չունենալու
համար
երրորդ
զաւակը։
Առաջինին
դեռ
ոտքի
չելած
մանկութիւնը
բնազդական
սարսափով
մը
կը
պաշարէր
ամուսինէն
յղի
մնալ
մը։
Ե
ր
կրորդին
հազիւ
պարտկելի
վտանգը
բաւական
զօրաւոր
արգելք
մը
կը
կազմէր
իր
փափաքին։
Եւ
սակայն
պէտք
է
քալել,
պալատներու
զեխութեանց,
խենէշութեանց,
քսութեան
ց
մէջէն։
Պէտք
է
ձգել
քոմանտան
փաշան
–
տասը
հազար
ոսկին
փութացուցած
էր
տիտղոսին
առաքումը,
հանգանակութեան
մը
մէջ
հաշիւով
շռայլուած,
պալատական
իշխանուհիներու
թաքուն
ալ
մատները
զանց
չընել
այս
արդիւնքին
համար
–
իր
աստիճանական
վերելքին
մէջ,
Պոլսէն
պաշտպանուած,
նոր
ժմնած
աղջիկներէն
հետզհետէ
քամուելով,
զինուորական
վարժարանին
մէջ,
որ
դասովը
փառաւորուած
ու
դառնալով
գաւառի
մեծ
ազնուական
մը,
որուն
զոյգ
պալատները
անոնց
կապ
պերճանքն
ու
կալուածները,
գերիներու
եւ
հարճերու
բանակը
մանր
վեհապետ
մը
կը
յօրինէին,
յար
եւ
նմանը
Պոլիս
նստողին։
Պէտք
է
անցնիլ
շատ
արագ
անոր
կնոջը
տագնապներէն,
իր
սիրահարը
ծածկելու
համար
վատնած
կորովէն,
հնարամտութենէն,
վաստակէն։
Ի
ր
պալատին
մէջ
ստեղծած
գաղտնի
խորշերուն
պահպանումը,
խոհանոցին
շքեղ
կառոյցը,
հազիւ
ոտքի
կենալ
կրցող
անդրանիկին
ողբերգական
տկարութիւնը,
բայց
մա՛նաւանդ
իր
Հաւատիսին
գլուխը
պիտի
կազմէին
բաւական
զբաղում,
որպէսզի
սա
ամուսնութիւնը
չվերածուէր
աղէտի,
փաշային
խելացնոր
խառնակեցութեան
իբր
անդրադարձ։
Տասը,
տասնհինգ
տարին,
թուղթի
վրայ
դիւրին,
ի՜նչ
ահաւոր
բան
է
մեր
գլխուն
վերեւ
ու
մեր
ոտքերուն
առջեւ։
Ինչպէ՞ս
անցան
անոնք
այդ
դժնդակ
տարփանքին
վրայէն,
որուն
ամէն
մէկ
վայրկեանին
մէջ
մա՛հը՝
կաթիլ
մը
անակնկալի
ձեւով,
կախ
էր
ու
թրթռուն
երկուքին
համար
ալ։
Ու
պէտք
է
լսել
անհուն,
անհո՜ւն
բանը
այդ
երկուքին
հոգիներէն,
իւր
ա
քանչիւրը՝
ինքը
իր
մէջ
աշխարհ
մը
տառապանք,
սեփական
բարեխառնութեան
արգասիք,
հայունը՝
կրօնքէն,
պատմութենէն,
դարաւոր
զզուանքէն
հանդէպ
«հագարացի
անօրէն
տոհմին»,
թուրքինը՝
նման
ազդակներէ,
որոնց
վրայ
աւելնալու
են
հարստութեան,
դիրքին,
գայթակղութեան
այլապէս
բարդ,
այլապէս
ահաւոր
կնճիռները։
Տասնհինգ
տարի՜։
Գրել
ու
անցնիլ։
Ամէն
կին
մայրն
է
աղջկան
մը,
որուն
կու
տայ
մարմին
մը
ու…
ու
հոգի
մըն
ալ
հարկաւ։
Ի՞նչ
էր
տուած
անիկա
իբր
հոգի
իր
աղջկան…։
Ատիկա
պիտի
հարցնէր
ինքը,
քոմանտան
փաշային
տրտմանուշ
ու
փափուկ
կինը,
երբ
հակառակ
վախկոտ
ու
հեռատես
հաշիւներուն,
չէր
կրցած
զայն
արգ
ի
լել,
«հայու
կտորով
մը»
հետաքրքրուելէ,
ինչպէս
անուաներ
էր
անիկա
Սողոմը,
երբ
դիպուածը
զանոնք
իրարու
դէմ
կը
հանէր
տղուն
բանտ
մուտքի
գիշերին։
Յետո՞յ։
Աւա՜ղ,
այո՛,
այդ
«յետո»ն։
Ինչպէ՜ս,
առանց
զգալու,
անիկա
տեղի
էր
տուեր
իր
աղջկանը
փափաքներուն,
հետզհետէ
առնուելով
սա
դժուար
խաղարկութեան
մէջ,
որուն
յաջողութեան
կապուած
էին
այնքան
կնճռոտ
հարցեր։
Վերնատուր
պատուհասո՞ւմ
մը՝
այս
նոր
փորձանքը,
որ
կու
գար
աղջկանը
հոգիէն,
երբ
անոր
դէմքը,
առանց
սաւանի
ու
խոպոպի
յարդարանքին,
ճիշդ
ու
ճիշդ
կը
պատմէր
իր
մեղքը
աշխարհին՝
կրկնելով
Հաւատիսին
շէնքն
ու
գիծերը։
Վերնատուր
պատուհասո՞ւմ՝
երբ
անիկա
տեղեակ
եղաւ,
արջու
թոռան
վկայութեամբը
եւ
սեւամորթ
Մուսթա
ֆ
ային
հաստատումովը,
այդ
աղջկան
ուղիղ
յիմարական
արարքին,
գիշերանց
բանտ,
մեռնելու
սահմանուած
հայու
կտորի
մը
մօտ
երթալու
անլուր
խայտառակութեան։
Ո՞վ
էր
գործողը
այդ
երակներուն
մէջ։
Մայրերը
կը
հարցնեն
այս
բաները,
իրենք
իրենց,
իրենց
աղջիկներուն
փորձութիւնները
հասկնալ
ջանալով,
բայց
մոռնալով
հիմնականը,
իրենց
իսկ
աղջիկնութիւնը
ու
գլուխնին
կը
զարնեն
պատերուն։
Անլուր
անոր
տագնապը
այդ
«յիմարութիւնը»
գաղտնի
պահելու
անոր
փաշա
«հայրիկէն»։
Անլուր
անոր
տառապանքը,
այդ
«յիմարութիւնը»
մատչելի,
հասկնալի
ընելու
անոր
իրական
«հօրը»,
որ
յայտնութեան
առտուն,
մութնուլուսուն
վազեր
էր
ժամ,
ոսկինոց
մոմ
մը
ապսպրեր
ու
անձրեւին
հակառակ,
ամբողջ
ժամ
մը
գլխեբաց
կեցեր
էր
պահարանին
առջեւ
իր
քարէ
վերմակին
տակ
ապահովաբար
ողջ,
մեղաւոր
Բարսեղ
վարդապետին
ոտքերուն,
ու
թախանձեր
անկէ
յոյս,
խելք,
հնարք՝
փորձանքներու
սա
փորձանքին
դէմ։
Այդ
մօրը
տագնապը
մանաւանդ,
կապելու
լեզուն
արջու
թոռ
սպային,
որ
աստիճանի
բարձրացումին
հետ
(հարիւրապետ
էր
անուանուած
այդ
շաբթու
ընթացքին)
Եղնիկին
ձեռքը
պայման
էր
դրեր,
լռութեան
իբր
արժէք։
Այո՜։
Ի՜նչ
կը
քաշեն
կիները,
երբ
փեսացուները
կ’ուզեն
աւելին,
իրենց
աղջիկներուն
շուքին
մէջէն,
մարմինները
անոնց
ծնունդ
տուողներուն։
Ի՜նչ
կը
քաշեն
մայրերը,
խաղաղ
տարփանքներու
վարժ
իրենց
հանգիստին
մէջ,
երբ
ստիպուած
կ’ըլլան
կառավարել
սկսող
փոթորիկը
իրենց
աղջիկներու
տարփանքներուն։
Ըսած
են,
որ
կեանքը
մշտական
ճակատամարտ
մըն
է։
Վա՜յ
թուլացողին։
Զգոյշ
ու
փակ
միջոցներով՝
անիկա
տարաւ
առաջ
դժնդակ
իր
խաղարկութիւնը։
Ատոր
առաջին
ու
հիմնական
միութիւնը
իսլամանալն
էր
Սողոմին։
Յաջողութիւնը
միշտ
կը
սրբագրէ
միջոցը,
որքան
ալ
մութ
ըլլայ
ասիկա։
Եղնիկին
յիմարութիւնը
կ’արդարանար
Սուրբ
հաւատքին
շահուած
հոգիով
մը։
Իսլամական
միսթիքին
նկարագիրն
է
այս
բացարձակութիւնը։
Ուրիշ
ազնուականութիւն
կշիռ
չունի
այդ
կրօնքին
մէջ։
Երէկուան
գերին,
ընդունուելով
Սուրբ
հաւատքին
մէջ,
կը
բարձրանայ,
գէթ
բարոյապէս,
իսլամ
միսթիքին
ամէնէն
մեծ
աստիճանին։
Բաց
են
իր
առջեւ
պետութեան
ամէնէն
յարգի
պաշտօնները,
հերիք
է,
որ
կրօնափոխը
արժանիքն
ունենայ
անոնց
հասնելու։
Ահա
թէ
ինչու
զոյգ
ճակատով
սարայլըն
կը
հետապնդէր
այս
«գործը»։
Մնացեա՞լը։
Անիկա
զզուանքով
մերժեց
միտքէն
իսկ
զիջում,
արջու
թոռան,
իր
աղջկան
ապագային
տեսակէտովը,
ինչպէս
չայցուեցաւ
«հայու
մը
կտոր»էն
աւելի
չ
արժող
Սողոմէն։
Բայց
մեր
որոշումները,
քէները,
համակրանքը,
հաշիւները
ի՞նչ
կ’արժեն
մենէ
վեր
ուժերու
լախտերուն
առջեւ։
Թուրքերը
խորհրդաւոր
առածով
մը
կը
մեկնեն
շատ
մը
անկարելի
ոճիրներ,
որոնք,
ըստ
երեւոյթին,
կը
յարդարուին
մարդոց
մատներէն
վեր
ուժերու
կողմէ,
ու
երբ
կ’իյնան
հրապարակ,
զետեղուելու
համար
մեր
ըմբռնողութեան
պարունակին,
կ’ապաստանին
արիւնին
հեռաւոր,
բայց
այլապէս
անդիմադրելի
ձգողութեան։
«Արիւնը
քաշել»ը
իմաստէ
զուրկ
նախապաշարում
մըն
է,
երբ
հայրը
կամ
մայրը
հարուածելէ
ետք
հզօր
կիրքի
մը
կիկլոնով,
զաւակներն
ալ
կ’ենթարկէ
նոյն
աղէտին,
զանոնք
նետելով
նոյն
կիկլոնին
երախներուն։
Մենք՝
հայերս,
մահուան
լուսաւոր,
մատչելի
ընծայելու
մեր
անհուն,
մագիստրոս
մասնագիտութեամբը
(մեր
պատմիչները
ուրիշ
բան
չըսին),
յիմար
ենք
եղած
սրբագրելու
տարազը,
համաձայն
մեր
իմաստութեան,
ու
չարափոխած
Արեւելքին
այդ
հզօր
պատգամը,
զեղչելով
անկէ,
ուրանալու
չափ,
սեռին
ահաւոր
մագնիսը,
ու
պահելով
մահուանը
միայն։
…։
Որքա՜ն
քիչ
է
մեր
ըսածն
ու
առածը
կեանքէն։
…
Ս
ողոմին
մօրը
հետ
անոր
խօսակցութիւնը
վրդովեր
էր
անոր
մէջ
շատ
բաներու
կարգին,
մայրական
նեղ
անոր
աշխարհը։
Սիրահարով
ապրող
կիներուն
ճակատագիրն
է
մայրութենէ
այս
քիչութիւնը։
Անոնք
արտաքին
շեղումն
ու
առերեւոյթ
հոգեբանութիւնը,
զգեստին
խնամքն
ու
զաւկըներուն
պերճ
մանկութիւնը
նիւթ
կ’ընեն
խաղաղութեան։
Անշուշտ
խղճահարութիւն,
մեղք,
զիղջ
անոնցմէ
շատ
քիչերուն
պիտի
այցելեն։
Բայց
իրենց
տարփանքը
զիրենք
գերզգայուն
կ’ընէ
հանդէպ
փոքրագոյն
իսկ
յուզումներու։
Ու
Աստուծոյ
մատը
կը
տեսնեն
իրենց
հասնող
քիչ
մը
դաժան
հարուածներուն
մէջ,
որոնք
ուրիշներու
կողմէ
կ’ընդունուին
կեանքին
սովորական
քմայքները
իբրեւ։
Իրական
մօր
մը
հետ
իր
ճակատումը
սարայլըն
նետեր
էր
խուլ
ու
տառապագին
իր
տագնապներէն
մէկուն
մէջ,
որոնք
անոր
կ’այցելէին,
իրաւ
է
թէ
ցանցառակի,
բայց
անջրպետին
լայնքովը
աւելի
ուժովցած։
Մթերուած,
գաղտնօրէն
«ներսը
նետուած»,
շատ
յաճախ
ալ
լիովին
չգիտակցուած
դաւեր,
հաւանական
արձակիչը՝
այդ
տագնապներուն։
Յոգնութիւնը
մթնոլորտն
է
սեռին։
Իր
անդրանիկին
հետզհետէ
ճշդուող
խօթութիւնը,
պզտիկին
անհանգիստ,
երազուն
ու
ըմբոստ
խառնուածքը,
էրիկին
հոտած
տակառը,
ու
ամէնէն
աւելի
ինքնիրմէ
յոգնիլ
մը
պէտք
է
աւելնան
իբր
բացառիկ
զսպանակներ,
լռուած
յուզումներու
դանդաղ
ասղնտուքին
տակ
գործող,
որպէսզի
հասկնալի
դառնար
հոգեկան
սա
քոմա
ն։
Ուրիշ
անգամներ
ըրածին
նման՝
անիկա
ձգեց
իր
ետին
խոհարարը,
այնքան
մը
մօտ
սակայն,
որ
զգար
անոր
շունչին
էջքը
իր
ծոծրակէն։
Այսպէս
հետեւուած՝
անիկա
պիտի
անցնէր
պալատին
զանազան
բաժիններէն,
անխօս,
գրեթէ
քունի
մէջ
շրջապատի
զգայութեանց
հանդէպ,
բայց
տարօրէն
բաց
խոհարարին
շունչին,
որ,
տեւողութեան
նպաստովը,
պիտի
տարածուէր
անոր
մարմինին
շրջապատը,
ինչպէս
կրակէ
շապիկ
մը։
Որմէ
յետոյ,
ինքզինքը
այդպէս
տաքուկ,
կենդանի,
արու
այդ
հովին
մէջ
պլլուած
գիտնալով՝
անիկա
պիտի
բարձրանար
պալատին
թաքնաթաքուր
մէկ
խորշը,
մեծ
զգուշութեամբ
ծածկուած
բոլորէն,
իյնալու
համար
թեւերուն
մէջը
իր
«վարպետին»։
Այս
փախուստը,
առանձնացումը
անոր
կը
բերէին
հոգեկան
կատարեալ
թունաթափում
մը։
Ժանգը,
մաղձը,
«այտուց»ները
կը
մաքրուէին
ժամ
տեւող
խաղաղ
ու
գոհ
արցունքի
մը
մէջ։
Ու
թարմացած,
թեթեւցած,
երախտագէտ՝
անիկա
կու
տար
իր
մարմինը,
հաճոյքով,
օտար
զգացման
մը
մէջ,
որ
հոգեկան
սա
մաքրագործումը
կ’առնէր
ի
ր
«ամպհովանիին
տակ»,
այսպէս
ըսելու
համար,
ու
այդ
ուժով,
այդ
պատրանքով
գօտեւոր,
զայն
կը
դարձնէր
աշխարհին,
իր
դանդաղ
թունաւորումէն։
Արագ՝
անիկա
հրամայեց
աղջկան
զբաղեցնել
զաւալլը
կնիկը։
Ի՞նք։
-Ընելիք
ունէր։
Իրականին
մէջ,
իրիկունը
մօտ
էր
արդէն։
Փաշա՛ն։
Յետո՞յ…։
–
Սողոմին
հաւանական
ներկայութիւնը։
Սիրալիր,
ճառագայթուն՝
անիկա
ճամբու
դրաւ
իր
մաման
`
զբաղելու
համար
զաւալլըին
հետ։
Սենեակը
ձգելէ
յետոյ,
սարայլըն,
խոհանոց
մուտքին,
կանգ
առաւ
կամաց։
Դողահար
էր
ու
նկուն։
Վախցաւ
նայելու
իր
ետին։
Գիտէր
սակայն,
կրունկներուն
վրայ,
քայլերը
«հայուն
կտորին»։
Ոչ
մէկ
ատեն
անիկա
այսքան
յստակ
չէր
զգացեր
իր
ալ
«յիմարութիւնը»,
այսպէս
առանց
ներկի
կամ
պատմուճանի,
հայու
մը
կտորին
հանդէպ,
ու
այնքան
աններելի։
Երկու
պալատներուն
արարողապաշտ
ու
սնոտի
զբաղումներուն,
դաւերուն
եւ
տխրութեանց
մէջտեղ՝
անիկա,
չնմանելո՞ւ
համար
իր
ցեղին
մեծ,
միօրինակ
ու
փցուն
մեղաւորներուն
(թուրքերը
իրենց
կենսունակութիւնը
ոճի
հանելու
համար
երկու
ճամբայ
կը
սիրեն,
–
արիւնն
ու
սերմը։
Առաջինը
վազցուցած
են,
անյագ
ախորժակով։
Երկրորդէն
կը
յաւակնին
ստեղծած
ըլլալ
իրենց
այժմու
ժողովուրդը,
որուն
արժէքը
այնքան
գերգնահատած
ատեննին,
կը
մոռնան
անոր
տարօրինակ
սպառումը)
փաթթուեր
էր
սա
խոնարհ
տարփանքին
ու
պահած
ինքզինքը
դասական
դժբախտութիւններէ,
որոնք
կանուխ
կամ
ուշ
պիտի
պաշարեն
քայլերը
բոլոր
զարտուղի
ճամբորդներուն։
Սանդուխին
կատարէն
մինչեւ
ստորին
աստիճա՜նը
։
Ու
անոր
մեղքը,
խոհարարը
հասաւ
անոր
կուշտին։
Կաթսաներուն
առջեւ
անոնք
չեղան
թեւ
թեւի,
գործածելու
համար
պատկեր
մը,
արեւմտեան
վէպէն։
Այլ՝
օղակ
օղակի,
ինչպէս
կը
փոխաբերէ
Արեւելքը,
սիրտերուն
մեղքը,
շղթային
նիւթ
տալով
ակնարկին
թելը
կամ
միսին
ձիւնը։
Կէս
ժամ
տեւող
իր
խօսակցութեան
միջոցին,
գեղացի
կնոջ
մը
վիշտին,
դժբախտութեանը
արտածորած
լուծոյթին
մէջ՝
անիկա
վրայ
էր
տուած
առերեւոյթ
իր
ապահովութիւնը
ճակատագրապաշտ
համակերպումին
նուէր։
Անիկա
ինքնիրեն
հարցուց
դժնդակ
հարցումը,
–
Ո՞վ
կը
վարէր
իր
արիւնը,
իր
մէջ,
ինչպէս
իրմէ
դուրս,
աղջկանը
մէջ
ալ։
Ի՞նչ
էր
ուժը,
որ
արիւններ
ը
կը
քաշէր
այդպէս,
առանց
ազդուելու
արտաքին
բոլոր
բարդութիւններէն։
Առանձնանալու,
թափանցելու,
հասկնալու,
հանգչելու
իր
շատ
զօրաւոր
ցանկութեան
հակառակ՝
անիկա,
գրեթէ
բռնի,
իր
ետեւէն
ուզեց
խոհարարը։
Սպասուհիներ
պաշտօն
առին
հսկելու
գեղացի
կինը։
Փաշան
կը
սպասուէր։
Կուշտ
կուշտի՝
անոնք
անցան
կանանոցը։
Ուր,
ցանցառած
էին,
քանի
մը
տարիէ
ի
վեր,
դէմքերը
մատղաշ
աղջիկներուն։
Սպաս
ընողներու
բանակը
թեթեւցած։
Մօրը
պալատէն
իրեն
հաւատարիմ,
տարիքի
մէջ
խորացած
պառաւներ
այդ
բաժինին
առօրեայ
գործը
կ’ընէին
`
արգիլելով
ոտքերը
աւելի
թարմերու։
Պարզ,
իրական
անոր
դէմքը,
այդ
պահուն,
ինչպէս
միշտ,
վեր
էր
կասկածէն
ու
խռովքէ։
Չորս
էր
թիւը
այդ
տարւօք
կիներուն,
ընդարձակ
սրահներուն
ծառայութիւնը
կատարող,
ամէնքն
ալ
յատուկ
գործի
մը
մէջ
մասնաւորուած։
Աւելորդ
է
խօսիլ
տիրուհիի
եւ
ծառայի
յարաբերութեան
մասին։
Ուրիշ
ապարանքներու
մէջ
ընթացիկ,
խուլ,
կասկածալից
ու
խառնակիչ
բարքերուն
փոխարէն՝
տեսակ
մը
կոյր
պաշտամունք
կը
հովանաւորէր
այդ
կինը։
Մեղմութիւն
ու
բարիք,
գեղեցկութիւն
ու
տարիք
բառեր
են,
որոնք
ամէնէն
աւելի
կ’արժեն
սեռին
շիջումէն
յետոյ։
Անոնց
ա՛լ
վարժուած
աչքերը
չտեսան
թեթեւ
դալկութիւնը
հանըմ
էֆէնտիին։
Անոնք
արդէն
չէին
տեսներ,
խոհարարը,
առջին
նայող,
կիներէ
զգոյշ,
անոնցմէ
փախչող,
արժանանալու
աստիճան
վիրաւորիչ
ծաղրածուներու։
Կեավուրը
դժուար
կը
ներուի
այդ
շրջանակներուն
մէջ։
Տարիները
միջամտած
ալ
էին,
այդ
«խոզի
ձագին»
մէջ
ընդունելու
խելօքիկ
ներքինի
մը,
որմէ
իր
կրօնքը
կը
մնար
յիշատակ։
Այս
պատրանքին
համար
նպաստեր
էին
հայուն
կամակոր
դաժանութիւնը,
կիներու
մօտ
անայլայլ
կեցուածքը
ու
խիստ,
վիրաւորիչ
բարկութիւնները։
Մատաղ
սպասուհիներու
ռազմավարութիւնը
զայն
չբերաւ
անակնկալի։
Յաղթականը
հայն
էր։
Ու
մարդ
չէր
գիտեր
թաքուն
ծալքը
սա
«խոզի
ձագին»,
ու
անոր
անընկճելի
զօրութեան։
Բարեւեց,
խօսեցաւ,
հրամաններ
ըրաւ,
յանձնարարութիւններ
տուաւ,
մտքի
տիրական
ազատութեամբ
մը։
Սպասի
պատասխանատու
կիները,
քաղցր
հնազանդութեամբ
մը
անդորրել
ջանացին
անոր
մտահոգութիւնները։
-Հոգ
մի
ըներ,
հանըմ
էֆէնտի,
ամէն
բան
կը
կատարուի,
փափաքներուդ,
հրամաններուդ
համեմատ։
Կ’ըսէին
անոնք,
գրեթէ
մէկ
բերան
ու
իրենց
ցամքած
մատները
կը
ծեծէին
մեղմով
անոր
ծփուն,
հեշտաբոյր
կռնակին
`
Աստուծոյ
աչքին
յանձնելով
այնքան
բարութիւն
ու
գեղեցկութիւն։
-Աստուածը
մուրատին
հասցնէ։
Մուրա՞տը։
-Երկու
աղջիկները։
Ո՜վ
ինչ
գիտէ
ուրիշներու
սիրտէն։
Անոնք
հասան
խորհրդապահ
անցքը,
որ
պալատին
երկու
բաժինները
յարաբերութեան
կը
դնէր։
Անոր
բանալին
կը
հանգչի
արուներու
մէջքին։
Քոմանտան
փաշան,
յարգելու
համար
արեւմտեան
կարգերը,
վերցուցած
էր
գաղտնի
կղպանքը։
Սէլամլըգը։
Որուն
վերնայարկին
քսանէ
աւելի
սենեակները,
ճարտար
բախումով
մը,
բոլորն
ալ
երես
ունէին
կեդրոնական
սրահին
վրայ։
Կ’անցնիմ
անոր
նկարագրութենէն՝
գոհանալով
դիտել
տալէ
արեւմտեան
սրահներու
կահաւորումը,
անոր
ալ
վրայ։
Արձան,
փորագիր
ու
նկար
կը
կազմէին
մեծ
բաժինը
այդ
զարդարանքին։
Անշուշտ,
պալատին
անդրանիկ
տէրը,
մեծ-հայրը
մեր
քոմանտանին,
իր
կնիքը
դրեր
էր
այդ
սենեակներուն։
Բոլորն
ալ
անցքով
մը
ընելով
իրերահոս
։
Յիսուն
տարի
առաջ,
այդ
անցքերուն
կը
սպասէր
ապահովաբար
հսկայ
փաթթոցով
քէօլէ
մը,
դանակները
զոյգ-զոյգ
թխած
իր
նոյնքան
հսկայ
գօտիին
փաթին
ու
պահպանելով
ելքն
ու
մուտքը
անողոք
խստութեամբ։
Հիմա,
թոռան
նրբացած
ճաշակը
այդ
անցքերուն
վրայ
կը
քաշէր
հաճելի
եւ
պիտանի
վարագոյր։
Ոմանք՝
գեղանկար
դուռ։
Ոմանք՝
պատուհան,
ծիածանեան
ապակիով։
Ուրիշներ
գրադարան,
շմինէ,
մեծկակ
նկար,
արձան
ու
մոմիացած
կենդանի,
որոնք
կը
դառնային
թաքուն
զսպանակներով
ու
մուտք
կու
տային
մէկէն
միւսին։
Իրարու
աննման
կահաւորումով
սա
սենեակներէն
պարզ
շրջագայում
մը
տեսա
կ
մը
սթափո՛ւմ՝
սարայլըին
ու
ամէն
անգամ,
որ
պալատը
մութ,
քիչ,
նեղ
կու
գար
անոր
գլուխին։
Թուրք
հանըմներ,
երբ
սեռին
երկանաքարին
լծուած
խանդավառ
գերուհիները
չեն
իրենց
տէրերուն,
դժբախտագոյն
կիներն
են
Արեւելքին։
Անոնց
համար
է
«ոսկի
վանդակ»
բացատրութիւնը։
Պերճանքին,
հարստութեան,
փառքին
ու
վայելքին
ծովուն
մէջ,
որ
կեանքն
է
անոնց
շուրջը,
ճարուած
իրենց
տէրերէն,
անոնք
ծարաւովը
պիտի
մեռնին
կաթիլ
մը
անուշ
ջուրին։
Անոնց
գեղեցկութիւնը
խղճի
խայթ
մըն
է,
ու
անմահ
խմոր՝
զիրենք
իրարու
դէմ
լարելու,
նոյն
տիրոջը
աչքին։
Անոնց
բարոյական
տիեզերքը
անհուն
անապատ
մըն
է,
ուր
չ’իյնար
զաւկին
սփոփիչ
մանանան,
քանի
որ
մայր
մնալու
դժուարութիւնը,
տունին
գահաժառանգ
տալու
պահանջը
ու
ազդեցութիւններու,
մրցակցութիւններու
ամբողջ
արիւնոտ
ու
զազիր
դրութիւն
մը
փառքին
յաջողութեան
մէջ
իսկ
գարշ
կ’ընեն
ամէնէն
առաջ
կինը
ինք
իր
դէմ։
Վերլուծումը
չի
կրնար
սպառել
այս
«ամօթական
տխրութիւնները»։
Խոհարարին
հետ
կուշտ
կուշտի,
ա
ն
ցքէ
անցք՝
անիկա
պիտի
հասնէր
ուրիշներէ
անթափանց
խորշին,
որ
երկինքէն
ապակեայ
տանիք
միայն
ունէր։
Գետինը՝
հաստ
ու
գուլ
մարմար։
Ուր,
տիւան
մը
պիտի
ընդունէր
անոնց
իրերահոս
մարմինը,
առանց
աղմուկի։
Ցո՞ւրտ։
Տա՞ք։
Ցերեկները
միայն
գործածելի
այս
ժամադրավայրը,
աշնան
ու
ձմրան,
տանիք-ապակիէն
կը
ջերմանար
բաւարար
չափով։
Դեկտեմբերի
իրիկնամուտին
սա
առանձնացումն
ալ
քալեց
ուրիշ
անգամ
պատահած
գնացքով։
-Հաւատի՛ս։
Ըսաւ
անիկա,
դուռը
զգուշութեամբ
կղպելէ
ետքը։
Շնչասպառ,
ինկեր
էր
անոր
թեւերուն։
Ո
ւրիշ
անգամներ՝
-Հանը՜մ…
Պիտի
շշնջէր
խոհարարը,
թեւերը
փակելով
անոր
կռնակին,
սղմելով
անոր
մարմինը,
ա՛յնքան՝
որ
ոսկորները
ցաւէին
միսերուն
խորը
ու
շունչը
նեղնար,
հատնէր,
նուաղման
շեշտ
զգայութիւն
մը
բանալով
անոր
տառապած
սիրտէն
ներս։
Այդ
իրիկնամուտին,
խոհարարը,
առանց
բառի,
առաւ
զայն
իր
թեւերուն
մէջ
ու
թեթեւակի
պրկելով
ինքզինքը,
գլուխը
տեղաւորեց
անոր
մազերուն
խորը։
Ու
լռութիւն։
Ո՛չ
համբոյր,
ոչ
ալ
աչքով
լեզու։
Երկնադիր
լուսամուտէն
վերջալուսային
պայծառութիւն
մը։
Խատուտիկ՝
ինչպէս
մոյնքը՝
տասնհինգ
տարեկան
աղջնակի
մը,
բա՞ւ
էր
բանալու,
անսփոփ
տրտմութիւնը
սա
առանձնարանին,
որ
խորհուրդի
մը
պէս
կը
ճնշէր
անոնց
տարփանքին
վրայ։
Ահագին
կառոյցներէն
ու
կալուածներէն,
որոնց
սահմանը
կտրելու
համար
երբեմն
կառքերը
օրերով
կը
ճամբորդեն,
կը
պատահի,
որ
անոնց
վաւերական
տէրերուն
հարազատ,
անձնական
բաժինը
աւելի
չըլլայ,
քան
սա
փախստեայ
խորշիկը։
Առանձնարանին
մերկութիւնը
ուրիշ
փաստ
մը
այս
խորհուրդէն։
Գետինէն
զատ,
պատերուն
գունաթափ
սո՛ւգը,
զոր
ոչ
մէկ
ձեռագործ
կը
մեղմէր։
Անապատական
այս
պարզութեան
մէջ,
հայուն
տղան
հաճոյք
ու
խաղաղութիւն
ունէր,
որոնք
փոխանցուեցան
անոր
տարփուհիին։
Կրօնական
ծագումով
սա
նախապաշարումը
սիրեց
սարայլ
ը
ն։
Հոն
մտած
ատեն
աչքին
կը
փռուէր
կայսերական
ն
ն
ջարանը,
զոր
հայլիները
չորս
պատերէն
կը
գոցէին
ամբողջ։
Ու
անասելի
ճոխութիւնը
բեհեզին,
մետաքսին,
ոսկիին
ու
հոտին։
Ատոնց
մէջ
կապիկի
գլուխով,
ազազուն
այծեմա՞րդը,
որուն
քիթէն
անդիմադրելի
տգեղութիւն
մը
կը
յօրինուէր
դէմքին,
փոսացած
աչքերուն
խոռոչը
տարօրէն
շեշտող
ու
անոնց
նայուածքը
անժուժելի
ընծայող։
Կան
այդ
աչքերը,
որոնք
չեն
դիմացուիր,
առօրեայ
տեսակցութեանց
ընթացքին։
Սեռային
անասնութիւնը
կը
խորանարդէ
անոնց
տարողութիւնը։
Ինչպէ՜ս
անիկա
իր
աչքերը
ըրեր
էր
վար,
չիյնալու
համար
միւսներուն
մէջ։
Իր
յիշատակնե՜րը,
այդ
անմոռանալի
գիշերամուտէն,
որոնք
ժամանակին
հետ,
փոխանակ
գունատելու,
կարծրացեր,
գամուեր
էին,
ըսես,
անոր
ուղեղին
դաշտերուն,
պատերուն
ու
կը
ներկայանային,
լրիւ
ու
կենդանի,
տարիներու
փոշիէն
աննուաճ,
իբր
թէ
տասներկու
ժամ
առաջ
ըլլային
պատահած։
Ինչպէ՜ս
անոպայ
անոր
մատները,
հացի
միջուկ
փրցնելու
շարժումով
մը՝
բռնած
ու
կսմթած
էին
անոր
կիսակազմ
ստինքները
ու
ցաւցնող
արհամարհանքով
մը
ձգած
յանկարծ։
Ինչպէ՜ս
անոր
պաղ
մատները
օղակած
էին
թո
ւ
լիկ
իլերը
իր
բազուկներուն,
թերխաշ
ձեւերով,
ճերմակ՝
բայց
անաւարտ։
Ու
ինչպէ՜ս
խստագոյն
ցաւով
մը
բզկտուած
իր
թուլութիւնը,
անաւարտ
կիսաղեղը
իր
երանքներուն,
որոնց
կարծր
մասը,
ոսկորը
դողացեր
էր
այդ
շատ
թափանցող
խուզարկումէն։
Ու
զ
զ
ուելի
մերձեցումը,
թուխ,
սեւի
զարնող
մորթին
կարծր
փշաքաղումը
իր
մարմինին
վրայ…։
Ու
անոր
բարկութիւնը,
հայհոյելը,
փողոցի
ստահակի
մը
նման,
անծանօթ
պէյերու
հասցէին,
որոնք
ուշադրութիւն
չէին
ըներ
իր
ճաշակներուն,
գրեթէ
անզգայ
իր
մարմինին
վրայ
այդպէս
մենախօսելով,
հետզհետէ
պաղելով,
ու
լեզուին
տալով։
…Աղջիկի
լա՜ց։
Աղջիկի
վա՜խ։
Աղջկան
մաքրութիւն,
որ
անմասն
էր
եղած
պղծութեան
սա
հանդէսէն։
Անոր
կորա՜նքը,
իրեն
տրուած
խրատներուն
անզօր
յիշատակը,
բնածին
ամչկոտութեան
հզօր
մղումը
պատրաստած
էին
զայն։
Ոչ
իսկ
կրցած
էր
համբուրել
վեհափառ
այդ
տգեղութիւնը։
Ու
պատժուած՝
չարժանացած
արդար
քունի
մը
անգամ,
ոսկի
մահճակալին,
դրուելով
դուրս,
դէպի
ոսկի
վանդակը
սպասման
սրահին։
…։
Ու
երկրո՛րդ
անոր
փորձառութիւնը
արուէն,
գրեթէ
նման՝
առաջինին։
Անշուշտ
նուազ
հանդիսաւոր,
նուազ
անփորձ։
Բայց՝
հաճոյքի
նոյն
զզուագին
դառնութեամբ։
Սա
առանձնարանի
մուտքին,
այս
երկու
դրուագները
պիտի
յառնէին
անոր
մէջ,
անխուսափելի
հարազատութեամբ
մը
–
տեղի,
լոյսի,
հոտի
զգայութիւններու
սկզբնատիպ
հանդէսովը։
Զարդ,
ջերմութեան
երանգ,
հոգեկան
այլ
փայլակում
կը
խառնուէին
այս
յառնումին։
Ու
այն
խեղճ,
նուաստ
ալ
բա՛նը՝
որ
կը
բխէր
անոր
մերկութենէն,
–
չհասունցած
համը
միսին,
որ
պտուղէն՝
ինչպէս
մարդկայ
ի
ն
մարմինէն,
կ’անդրադառնայ
նոյն
փոթաւորումով։
Անոր
պարտութեան
հաւանական
պատճառը,
չկազմուած
անոր
ջղային
դրութի՛ւնը,
որ
մնացեր
էր
չէզոք,
կրաւոր
պարզութեան
մը
մէջ,
քանի
որ
աւելի
յետոյ
անիկա
հասկցած
էր
միսին
անծածկելի
անդրադարձումները,
հաճոյքէն
վեր
տագնապանքը,
երբ
գտեր
էր
ինքզինքը
անոնց
համար
հասունցած։
Կ
որանքի
այս
յուշքերը,
թաքուն,
երախտագէտ
նուէրնե՞ր
էին
իր
այժմու
խոնարհ
տարփանքին,
որ
մարմնական
գաղջ
ու
հոծ
զգայնութեանց
չափ
հոգեկան
ալ
ծորումներ
կը
հանէր
իրմէ։
Իր
անձին
անկշռելի,
բայց
իմանալի
հեղումն
էր
ատիկա
դէպի
իր
տարփաւորը,
երբ,
մտնելէ
յետոյ
առանձնարանին
լռութեան
մէջ,
իր
նուաստացման
յուշքերը
վտարած
իր
ներկայէն,
կը
դնէր
իր
սիրտը
անոր
սրտին,
երկու
աղբիւրներու
միացում
մը
ստեղծելով
միսերուն
ներքեւ
ու
կը
խօսէր
այդ
մարդուն
–
որ
ա՛լ
հայու
կտոր
մը
չէր
այդ
պահուն,
այլ
ի՛նչ
որ
աշխարհը
ունէր
միայն
իրեն
համար
զատած,
բերած
իր
անչափ
բարիքներէն
–
անհուն
փափկութեամբ,
խոնարհութեամբ,
պարզութեամբ,
բոլորովին
մերկացած
իր
ցեղէն
ու
կրօնքէն,
պատմութենէն
ու
դիրքէն,
ու
ինքզինքը
շաղուած,
ձուլած
անոր
մէջ,
ա՛յնքան՝
որ
հիւսքին
քակուելէն
ետքն
ալ
այդ
քանդակումին
հեւքը
կը
շարունակէր
բաբախել
անոր
վրայ
ժամերով,
անուշ
ու
կսկծագին։
Ամէն
րոպէ
անոր
տան
մէջ
ներկայութիւնը՝
ուրիշ
պատճառ
այս
զգայութիւնները
զայրագնելու։
Խոհ
ա
րա՞րը։
Ուրիշ
անգամներ
պիտի
խօսէր
անոր
հետ,
պարզ՝
բայց
քաղցր
իր
բառերուն
ալ
գգուանքը
պարպելով
անոր
մարմինին
ճամբաներուն։
Անիկա
մնաց
լուռ։
Արցունք։
Որ
թրջեց
տիկինին
մազերուն
բեհեզը,
տաքցուց
վերին
ալ
եզրը
անոր
ճակատին։
Պիտի
չհարցնէր
պատճառը
այդ
արցունքին
`
վարժուած
ըլլալով
անոր
կծու
գաղջութեան։
Բնազդական
վախ
մը,
զոր
կ’ունենան
կիները
մեղքի
մէջ,
կ’արգիլէր
զայն
հարցաքննել։
Բաներ
կան,
որոնց
զսպանակները
մենէ
դուրս
են
դրուած
ու
երբ
իբր
մերը
կ’արտայայտուին,
պարտաւոր
են
պահելու
իրենց
պատրանքը։
Չենք
փնտռեր
մահը,
զայն
ղրկողը,
անոր
վաւերաթուղթերը։
Քիչով
կը
զատուին
մեծ,
խելացնոր
տարփանքները
մահէն։
Արցունք։
Որ
անակնկալն
էր
օրուան։
Իր
տարփաւորին
կուրծքին,
անիկա
պիտի
այցուէր
շատ
մը
յուզումներէ,
վայելքէն
մինչեւ
տառապանքը
երկարող
պողոտայի
մը
նման,
բայց
պիտի
խնայէր
իր
աչքերուն՝
արցունքը,
վասնզի
կը
հաւատար
տխուր
կեանքերուն։
Չլալը
կեանքի
փաստ
մը
ըլլալէ
աւելի,
հոգեկան
դաշնակութեան
նշան
մըն
էր։
Ու
գեղեցիկ
էր
կեանքը
այն
կնոջ,
որ
հսկայ
պատրանքներէ
ետքը,
իր
խաղաղութիւնը
ստեղծեր
էր
իր
ձեռներէցութեամբը
`
ինքզինքը
պահելով
իր
միակ
տարփանքին։
Կարճ
եղաւ
տկարութեան
այդ
պահը։
Ինքզինքը
պաշտպանելու
համար
հաւանական
պատասխաններէ՝
անիկա
կանխեց
խոհարարը,
կիսաժպիտ
բայց
տրտում.
-Ի՞նչ
կը
խօսին
հիմա,
Հաւատի՛ս։
Անիկա
վստահ
էր
իր
հասկցուելէն։
Տարիներու
ընտանութիւնը
անոնց
մտածումները
իրարու
կը
կապէր
մազերակային
նրբութեամբ։
Իրարու
համար
միայն
ապրող
մարմիններուն
մօտ
կը
դիտուի
այս
փոխադարձ
թափանցումը։
Ամուսնութիւնը,
յաճախ՝
հաշիւ,
պարտականութիւն,
յոգնաթափում,
հոգ
ու
տառապանք,
կինն
ու
այրը
իրարու
կը
կապէ
հաստ
չուաններով։
Տարփաւորը
կը
տարբերի
այս
պայմանադրական
գերութենէն,
զգայարանքներու
գերաճուն
ազատութեամբը։
Տեւողութիւնը
զայն,
այդ
տարփանքը,
կ’ազնուացնէ,
կը
նրբացնէ,
երբ
ճակատագրական
պարտքի
մը
պէս
կ’իյնայ
անոնց
մարմիններուն
վրայ,
երկաթէ
վերմակ։
-Ի՞նչ
կը
խօսին
աղջիկները,
հեքիաթին
մէջ,
պառաւներուն
հետ։
Անուշ,
երախտագէտ
նայուածք
մը
պատասխանն
էր
այդ
թափանցումին։
Եւ
սակայն
երկուքն
ալ
տակաւին
կ’անգիտանային
իրական
պատճառը,
զիրենք
հոս
փախցնող
տագնապին։
Ապահովաբար
խօսելու
համար
չէր,
որ
ձգած
էին
իրենց
գործը,
տեղը,
երբ
ժամանակն
ալ
այնքան
քիչ
էր,
ո
ւ
պալատին
մէջ
մեծ
դէպքեր
պատրաստուելու
վրայ։
Խոհարարը
չպատասխանեց։
Անիկա
«իր
աղջիկը»
կը
սիրէր
թիզ
հեռու,
դէմը,
վիզին
երկու
քովերուն
զետեղած
իր
զօրաւոր
ափերը։
Այն
ատեն
նշմարելի
եղան
արցունքի
քանի
մը
գիծեր,
մորթն
ի
վար։
Սարայլըն
դեղին
փրփուրի
նմանող
մետաքսով
մը
անհետ
ըրաւ
այդ
գիծերը։
Թեթեւ
կարմրութիւն
մը
կ’ոսկիանար
ձիւնին
վրայ
անոր
այտերուն,
անդիմադրելի
ու
բաբախուն
այդ
բանը,
որ
մեր
արիւնին
լեզուն
է։
Կենդանի
բարբառը
մեր
մորթի
մագաղաթին
վրայ։
Դէպի
տարփանքը
սա
հրաւէ՞րը։
Անոնք
քակուեցան
իրարմէ,
երկուքն
ալ
վախնալով։
Տարփանքը
չէր
եկած։
Բայց
տարօրինակը
այն
էր,
որ
անոնք
զգացին
զիրենք
ուշաթափ
այն
լքումին
ու
տրտմութեան
մէջ,
որոնցմով
կը
վարշամակուին
մարդոց
ծոցերը։
Զանոնք
իրարու
մղող
զգացումը,
որ
կայսերական
ծիրանիի
մը
նման
կը
պատմուճանէ
անոնց
պատրանքը,
ինքնաբերաբար
կը
մոխրանայ,
կը
գորշանայ,
գիրկերէն
ետքը։
Անոնք
գոհ
էին,
առանց
իրարու
հաղորդ
ընելու
այդ
զգացումն
ալ։
Բայց
պատահարի
բացառիկ
իրականութիւնը
հասաւ
անոնց
գիտակցութեան։
Իրարմէ
քակուիլ,
առանց
իրար
սպառելո՜ւ։
Զգայարանքներու
սա
անդրանիկ
վերապահութի՜ւնը։
Որմէ
այնքան
խռովք
կը
շահին,
քառսունի
դուռներուն,
մա
ր
դոց
որդիներն
ու
աղջիկները։
Անոնք
չխորհեցան
տարիքին,
որ
բառ
է,
այսինքն՝
մշուշ,
երբ
չէ
շուլլուած
դժուար
զառիվերին։
Չըլլալո՞ւ
համար
այս
մտածումներուն
գորշութեան
ներքեւ,
թէ
ուրիշ,
անծանօթ
պատճառով
մը,
անոնք
երկուքով
տեսան
մտապատկերը
Եղնիկին,
այնպէս
խելօք,
նուաճուած,
երանաւէտ,
Սողոմին
մօրը
կուշտին։
-Ո՞ւր
կ’երթայ
վերջը։
-Որո՞ւ։
Խոհարարը
չպատասխանեց։
Անիկա
«իր
աղջիկը»
կը
սիրէր
իրմէն,
իր
անձէն
աւելի։
Բայց
անոր
մասին
բառ
մը
իսկ
պահանջ
չէր
բանաձեւած։
Անշուշտ,
անոր
գերագոյն
ցա՜ւը,
իր
անկարողութի՜ւնը՝
հանդէպ
իր
զաւկին,
որ
պիտի
հեռանար
օրին
մէկը,
ով
գիտէ
ո՛ր
թուրքին,
ու
մոռնար
այն
ծով
մը
աղապատանքը,
որ
ծոցն
էր
իրեն։
Իր
հոգիին
սպասող
դժոխքի
կրակին
չափ
–
որուն
կասկածը
չունէր
միամիտ
մարդը,
հակառակ
մեղաւոր
Բարսեղ
վարդապետը
սիրաշահելու
իր
ինքնատիպ
ռազմավարութեան–,
անիկա
կը
տապկուէր
այդ
զգացումին
ալ
կրակէն։
Ո՞րն
էր
աւելի
անողոքը
այդ
երկուքէն։
Ատիկա
գիրքերու
վրայ
կը
հարցնեն
մարդիկ,
բայց
ապրելու
հարկադրուած
ատեն
իրենց
միսն
է,
որ
ճարակ
պիտի
դառնայ
այդ
բոցերուն։
Յետոյ՝
տարիներու
դէզը
դարձեալ
սնամէջ
բառ
մը
չէ։
Մինչեւ
երեսուն,
նոյնիսկ
խորագոյն
տառապանքի
մէջ,
ա
դ
բեռը
առանձին
կշիռի
չ’ելլեր
մարդոց
մէկ
մասին
մօտ։
Բայց
անկէ՞
ետք։
Ո՞ւր,
ի՞նչ
բանի
ուղղուած
էին
գալոց
օրերը
խոհարարին,
առանց
«իր
աղջկանը»
հովին,
շուքին,
շունչին,
պատկերին,
ինչպէս
կը
սիրէր
երանգել
մութ,
չարտայայտուած
զգացումին
փայլակները,
խօսքի
ատեն։
Հա՜յր։
Պէտք
է
ըլլալ
ատիկա,
սա
պայմաններուն
մէջ։
Ու
պէտք
է
ըլլալ
զայն,
գիշերները,
հսկայ
պալատի
մը
խորշին,
հոգին
դժոխքին
վրայ
կախուած
աղտոտ,
մուրոտ
լապտերի
մը
պէս
կախ
իր
շրթներէն,
մինչ
աչքին՝
ձիւնապատ
մաքրութիւննե՛րը,
իր
երկրին,
այդ
հեռու
մեմլէքէթին,
ուր
իր
ընկերները,
ապահովաբար
խեղճուկ
բնակներու
խորը,
պատառ
մը
չոր
հաց
կը
ծամէին,
բայց
ութէն-տասը
զաւկի
շունչէն
գոլաւոր
հողէ
սենեակին
խորը,
խաղաղ,
երջանիկ
կը
սպասէին
«անտնուորին»
փառքերուն։
Տաճկութիւնը
մեր
մէջ
մտապատկեր
է
հիմա։
Մեր
գեղերուն՝
սարսափ
էր
անիկա։
Բայց
անոնց
տունին
մէջ։
…։
Անիկա
մտքէն
չանցուց
իրաւունքներ
արժեցնել,
ոչ
թէ
անոնց
յիմարական
անկարելիութիւններուն
վրայ
պատրանք
չունենալուն,
այլ՝
այդ
իրաւունքներուն
անդրադարձովը
սիրածներուն
ճակատագրին
վրայ։
Բա՛ռ
մը։
Անշուշտ,
ատիկա
իր
մահը
կ’արժէր։
Բայց
այդ
բառին
այլապէս
ահաւոր
արժէքը
սա
կնիկին
վրայ
զինքը
սիրեր
էր
մօրը,
հաւանական
կնոջը
չափ։
Անիկա,
ուրիշ
կին
չճանչնալուն՝
իր
զգացումին
վրայ
կը
դողար
անչափ
երկիւղով։
Քսանի
կը
մօտենային
տարիները
այդ
տարփանքին։
Օր
մը
օրանց
անիկա
այդ
կնոջը
ծոցին
մէջ
շիւղ
մը
օտար,
տաճիկ,
հարուստ,
մեծամիտ
բան
չէր
զգացած։
Ու
խոնարհ
անոր
իմացականութիւնը
սա
պայծառ
փաստը
հեռու
չէր
ըմբռնելէ,
նոյն
իմաստի
խորութեամբ,
որով
մեծ
վերլուծողները
կը
չափեն
մարդոց
սիրտին
ալքերը։
Կայ
անշուշտ
հասարակաց
գետին
մը,
ուր
մարդոց
որդիները
հաւասար
կշիռով
կ’առնեն
իրենց
ջիղերուն
վրայ
քանի
մը
հիմնական
բերքերը
մարդոց
բարոյական
անդաստանին։
Ատոնցմէ
մէկը
ցաւն
է։
Մէկ
ուրիշը՝
սէրը։
Աւելի
մեծը՝
միսթէռ
ը։
Անդի՞ն։
Այսինքն՝
երախտի՞քը,
նուիրումին
հա՞մը,
զոհուելուն
պարզ
տրտմութի՞ւնը։
Ինծի
կու
գայ,
թէ
ասոնք
ալ
շատ
չեն
տարբերիր
խոնարհներուն
ու
մեծերուն
հոգեհնձանին
խորը։
…։
Ու
պէտք
է
դառնալ,
տալու
համար
Հաւատիսին
տագնապներէն
տակ
ա
ւին
ուրիշ
մաս
մը
բան,
իր
«աղջկան»
խորհուրդէն։
Ասոր
պատմութիւնը,
անուշութիւնը,
հետաքրքիր
մ
ի
տքը,
մա՛նաւանդ
«հայու
շատ
մօտ»
հոգի՜ն։
Ծուէն-ծուէն
կազմուած,
այս
ամբողջին
մէջ,
որ
աղջիկն
է
տասնվեց
մտած,
կամ
մտնելու
վրայ,
տիեզերք
մը
ամբողջ
կը
բիւրեղանայ
առանց
իր
գիտնալուն։
Ու
մեր
գիտութիւնը,
որ
միջոցը
կը
բզկտէ,
անկէ
որսալու
համար
անանուն,
բայց
տարօրէն
ներզօր
ճառագայթներ,
անշուշտ
օր
մը
պիտի
զբաղի
այդ
ծուէններուն
ալ
խորաչափումովը
ու
պիտի
ճշդէ
իր
բաժինը
շունչին,
սիրոյն,
վախին,
արցունքին,
երազներուն,
զորս
ծնողքները
ունեցան
այդ
մարմինը
օրրանին
յանձնած,
տատիս
ըրած,
պտտցուցած,
տարիներուն
աւելի
լայն
կրկէսին
վրայ
արձակած
ատեն։
…Խոհանոցի
հնոցին
առջեւ
քանի՜
հազար
անգամներ
անիկա
աչքովը
կը
պագնէր
իր
«ձագուկը»,
ու
կու
լար
մութին,
մարդոց
գաղտնի
ցաւերուն
լեղին,
տոպրակովը
կախ
ձգած
իր
հոգիին
ջուրերուն։
Փոքր
սենեակը
թեթեւ
մը
մսեցաւ։
Վասնզի
ջղային
սարսուռ
մը
թօթուեց
տիկինին
մտամոլոր
տկարութիւնը։
Անիկա
կռնակը
տուաւ
տիւանին
վրայ
բարձերու
դէզի
մը,
բոլորն
ալ
օրով,
թուականով
կենդանի
անոնց
տարփանքի
պատմութեան
մէջ։
Կը
նայինք
մեր
տունին
փոքր
առարկաներուն
ու
կը
լրջանանք,
վասնզի
ատոնք
մէյ-մէկ
պատառ
սառած
կեանք
են
մեզի
համար։
Անիկա
անցաւ
արագ
այդ
նշխարներուն
հետեւող
զգայութեանց
մշուշէն։
Ուզա՞ծը։
–
Չէր
գիտեր։
Բայց
կը
նմանէր
մէկու
մը,
որ
բանի
մը
կը
սպասէ։
-Իմաստութի՞ւն,
պատգա՞մ,
երկինքէն
ձա՞յն։
Ու
կը
վախնար
իր
լուռ
հարցականը
մօտեցնել
խոհարարին։
Զգայարանքներու
հաշտութիւն
մը
միտքերու
հաշտութիւն
չ’երաշխաւորեր
միշտ։
Թուրք
կինը
չի
նմանիր
Արեւմուտքի
հերոսուհիներուն,
որոնք
թուղթի
եւ
իրականութեան
վրայ
այնքան
զանազանութիւններ
ունին։
Պալատներու
հետախոյզ
արարածը
ու
խրճիթներու
հզօր,
խորապէս
պարկեշտ,
բայց
կին
կոչուելու
համար
ծիծի
տեղ
երկու
տոպրակ
սեւ
միս
միայն
կրող
միւս
արարածը
–
երկուքն
ալ
ապրանքն
են
թուրքին
հողերուն
–
հարկադրաբար
դուրս
կ’իյնան
հաւասարապաշտ
վերլուծումէն։
Առաջին
տիպարը
թէեւ
ձեւազեղծ,
քիչ
ու
շատ
մտած
է
քլիշէի։
Եւրոպացի
վիպասաններ
տուած
են
անոր
զաղփաղփուն
շնորհը,
ծիծաղը,
վախկոտ
պչրանքը
ու
անյագուրդ
արգանդին
արձագանգը։
Բայց
չեն
տուած
իրակա՛նը,
կինը,
պալատի
մը
հազարումէկ,
չնչին,
խորունկ
կամ
եղերական
յուզումներէն
յօրինուած
սիրտը,
որ
այնքան
տարբեր
է
հասարակաց
կաղապարէն։
Բազմակնութիւնը,
Արեւմուտքի
մշակոյթին
մէջ,
ալքոլին
կը
նմանի։
Ու
ատով,
հեռո՛ւ՝
այն
օրինականացած
դժոխքէն,
որ
Արեւելքի
հոգեկան
մթնոլորտն
է
կիներու
վրայ։
Ի՞նչ
զգացումով
կեանքը
չափէ
պիտի
կին
մը,
որ
ամէն
րոպէ
իր
տունին
մէջ
հիւր
կը
նկատէ
ինքզինքը։
Ինչպէ՞ս
կը
լուսնան
մահիճները,
երկու-երեք
կիներո
վ
հիւսուած
արուներուն։
…։
Մեր
տրտմութիւնները,
յիշատակները,
հաճոյքները
իրենց
հոլովումին
ատեն
մեզմէ
կը
փախչին
երբեմն։
Ու
կը
դառնան,
երբ
պէտք
չունին
ք
իրենց։
Տանիք-առաստաղի
ապակիէն
թռաւ
կարմիր
կրակի
շերտը՝
տեղը
ձգելով
կնճռալից
գորշութիւն։
Իր
սպասումին
մէջ
աչքերը
սեւեռ՝
սարայլըն
տող
առ
տող
հետեւած
էր
այդ
զիջումին,
վերնադիր,
կիսաթափանց
սա
կափարիչին
վրայ,
ուրկէ
կը
խուսափէր
լոյսը
–
դուք
ըսէք
կեանքը
–,
այնքան
կշռելի,
ծանր
արագութեամբ։
Ուրի՞շ
կերպ՝
սա
փախուստին,
մարդոց
ալ
սիրտին
վրայ,
որուն
դժբախտութիւնն
է
«պատուհան»
չունենալ,
ինչպէս
կը
տարազէ
ժողովրդական
առած
մը։
Յետո՞յ։
Քիչ-քիչ,
բայց
անհամարձակ՝
բառերը
վերջապէս։
Կտոր
ու
նիհար։
Ինչպէս
գեղանի
հայլիի
մը
բեկումէն
ետքը։
Ինչպէս
գեղանի
ապարանքի
մը
կործանումէն
ետքը։
Ինչո՞ւ
այսպէս
կը
զգանք
երբեմն
մենք
մեզ։
Ու
մեր
բառերը
կնիքը
կը
հագնին
այդ
ներքին
կոտորածին։
Փոխա
դ
արձ,
սփոփիչ
սպեղանին
չէին
այդ
բառերը,
մատուցած
իրարու
վիշտին,
այլ՝
խորութիւններէ
փրթած
ասուպի
կտորներ,
որոնք
անոն
ց
սրտի
գորշ
հորիզոնին
կը
գծուէին
ու
կը
մարէին,
փայլակնալոյս
ու
տրտում։
Ու
խիտ
էին
տարօրէն,
կրելով
հետքերը
խուլ,
խոր
տառապանքին,
որ
երկաթ
կամարի
մը
պէս
անոնց
սիրտերը
իրարու
կ’օղակէր։
Ամսուան
մը
մտմտուք,
վախ։
Ամսուան
մը
արցունք՝
աստուածավախ
Աւետիսէն,
որ
Սողոմին
տաճկընալու
հեռանկարին
դէմ
կարծես
աւելի
կ’անձնականանար
իր
բաժինին,
այդ
նոր
մեղքին
մէջ։
Առանց
Եղնիկին
այդ
տղան
պիտի
դիմաւորէր
մահը,
ինչպէս
ըրեր
էին
բոլոր
պապերը։
Ու
առանց
Աւետիսին,
Եղնի՞կը։
…Ամսուան
մը
վախ՝
սարայլը
հանըմին
մինչեւ
իսկ
մազերէն։
Ի՞նչ
կշիռով
պիտի
մօտենային
մարդիկ
չափելու
այդ
անհեթեթ
յիմարութիւնը,
գործուած
փաշայի
մը
աղջկան
կողմէ,
գիշերանց,
ամէնէն
ահալից
բանտի
մը
բաւիղներէն,
հայու,
ոճրագործ
ու
մահապարտ
հայու
կտորի
մը
այց
ընելու։
Ու
այս
գաղտնիքը
սեփականութիւնն
էր
արջու
մը
թոռան,
տգեղ
ու
անսրբագրելի
գիւղացի,
որ
չէր
վարանած
սակարկութեան
մտնել
ու
առնուազն
իր
մարմինը
պահանջել
նժարին
աչքին։
Միայն
վէպերու
մէջ
չէ,
որ
կը
դրուին
այս
դ
ժնդակ
պայմանները։
Կեանքը
կու
տայ
ատոնք
անողոք
առատութեամբ
մը,
երբ
գաղտնիքի
կիսագունտին
մէջ
կը
մտնէ։
Ունեցե՞ր
էք
այդ
տագնապագին
ժամերը,
որոնց
մէջ
րոպէ
առ
րոպէ
կը
սպասէք
աղէտին,
ձեզ
հիմնայատակ
կործանող
հարուածին
ու
ասիկա
ձեռքէն
մէկու
մը,
զոր
շաբաթ
մը
առաջ
կ’արհամարհէիք
–
ծառայ,
պաշտօնեայ,
բոլորովին
ձեզի
օտար
մարդուկ
մը,
աղջիկ
կամ
յիմար
–
եւ
որ
գաղտնիքի
մը
բանալիովը
կը
պտըտի
ձեր
շուրջը,
լիրբ,
իր
կարգին
արհամարհոտ,
բայց
խորապէս
յիմար։
Ս
արայլըն
կը
սպասէ՜ր։
…Ու
անոր
էրի՞կը։
Որ,
իր
աղջկան
արարքը
վերլուծելու
իր
եռանդին
մէջ,
անհանգիստ
պիտի
ընէր
հոգեբանական,
բնախօսական
փառակազմ
հատորները,
առնելով
վար
իրենց
գահերէն,
փռելու
համա
ր
կանանչ
սեղաններու
վրայ,
որպէսզի
լուսաւորուէին
մթին
օրէնքները
մարդկային
մարմինին
ու
վաւերացումը
տային
օր
մը
կանգուն,
յետոյ
թաղուած
հաշիւներուն,
որոնք
Եղնիկին
յղութիւնը,
դիմային
գիծերը,
աչքերուն
սաթէն
ը
բացատրէին,
ժառանգականութեան
մեծ
տուեալներով։
Այս
տագնապը,
հակառակ
հեռու
իր
ծագումին,
կը
պահանջէր
ամբողջ
դառնութիւնը
սարայլըին
ջիղերուն
վրայ,
որ
խորունկ
պաղարիւնով,
արժանաւորութեամբ
մը
դիմագրաւեր
էր
զայն,
համակերպելով
իր
ճակատա
գ
րին,
ձգելու
պալատը
իր
էրիկին,
քաշուելու
համար
իրը,
տարակոյսի
առաջին
իսկ
նշանին։
…Յետո՜յ։
Բաներ
կան,
որոնք
չեն
մտածուիր
իբր
մաս։
Միտքը
զանոնք
միահամուռ
ընդգրկած
կ’ըլլայ,
մէկ
մասնիկին
մօտեցած
պահուն
իսկ։
Անոնց
միտքերը,
մեկնած
հակադիր
բեւեռներէ,
կեդրոնի
մը
վրայ
հանդիպեցան
իրարու։
-Արիւնը
կը
քաշէ,
Հաւատիս։
Այո՜։
Արցունքի
մօտ
տրտմութիւն
կար
սա
ձայնին
մէջը։
Պարզ
բառեր,
որոնք
ինչպէս
ասուպները,
վերջին
հետքերն
են
եղերական
այրումներու։
Անոնցմով
այդ
կինը
կը
կարծէր
տուած
ըլլալ
անսահման
լայնքը
իր
յուզումին։
Այդ
տարազը
հասկնալի
կ’ընէր,
շատ
մը
բաներու
կարգին,
իր
ալ
բացառիկ
հետաքրքրութիւնը
դէպի
տղան։
Հարիւր,
դուք
ճշդեցէք
հազար
ու
աւելի
բանտարկեալներ
անցեր
էին
անոր
աչքերուն
սահմանէն,
ա՛լ
չդառնալու
համար։
Ո՞ր
օրէնքը
այդ
մէկը
կը
զատէր
ու
կը
կեցնէր
իրենց
ճամբաներուն։
Բայց
ամէն
բանաձեւ
հաճելի
զգեստ
մըն
է,
մեղքը
խռովող
փոթորիկէն
անջատուած։
Անիկա
գեղեցիկ
է
ու
այդքան։
Իր
թերութիւնը՝
լուծու
մ
չբերելն
է
մեր
տագնապներուն,
որոնք
վարշամակէ,
բեհեզէ
աւելի
կարօտ
են
մեղմող,
«թաղող»
ուժերու։
«Արիւնը
կը
քաշէ»։
Իրա՜ւ
էր
ատիկա։
Բայց
նոյնքան
իրաւ
էին
տարազին
հետեւող
բանակները
աշխարհիկ
նկատումներուն,
որոնք
հայու
եւ
թուրքի
ինքնին
ահաւոր
անդու
ն
դէն
զատ,
աշխարհ
մը
ուրիշ
անդունդներ
կարող
էին
լեցնելու։
Ողբերգական
ճակատումներուն
տկար
կողմը
մեր
անզօրութիւնն
է,
ամէնէն
առաջ,
մեզի
դէմ։
Կը
փնտռենք
նպաստը,
ամէնէն
խոնարհ,
արհամարհուած
իսկ
ա
ղ
բիւրներուն։
Ու
փառաւոր
գահերու
իսկ
բարձունքին,
կը
ծռինք,
սրտագեղ,
դէպի
սփոփանքը
գերիին,
երբ
գուշակած
ենք
գահին
դղրդիլը
մեր
ներքեւ։
Մեր
տկարութի՜ւնը,
նոյնիսկ
ամրակուռ
զրահներուն
ներքեւ։
Նոյնիսկ
համբաւին
ու
փառքին,
պատմուճաններովը
սրբացած։
Կու
գայ
րոպէն
ու
մենք
կը
լքուինք
դուրսէն
ու
մեզմէ։
Երկու
պալատներ
տիրապէս
կառավարող
սա
կինը
խլեակ
մըն
էր
վախին
ու
սիրոյն
հեղեղին
վրայ։
Ու
կարօ՜տ՝
կամքի,
ուղղութեան։
Ու
տակաւին
անոր
մէջ
կարգի
կը
սպասէին,
նետուելու
համար
ասպարէզ,
մայրենի
երեւակայութեան
բոլոր
անուշիկ
ցնորքները։
Ո՞վ
անծանօթ
է
ատոնց
չափազանց
նուրբ,
օդային
ու
յաճախ
անկարելի
ու
սիրալի
գեղեցկութեան։
Ո՞րն
է
մայրը,
որ
աղջկանը
համար
պայազատներ,
առնուազն
պալատներ
չըլլայ
երազած։
Օրրանին
մէջէն
իսկ
բուսնող
այս
պատրանքները
կը
բաժնեն
ճակատագիրը
միւսներուն
ու,
տարիներու
հետ
նուազելու
փոխարէն՝
կը
զօրանան։
-Արիւնին
դէմ
չեն
քալեր…
Այո՜։
Այսպէս
կ’ըսէին,
խոհարարին
հեռու
երկիրը,
մեծ
մօրուքով
ու
փայլուն,
ճաղատ
գլուխով
մար
դ
եր,
կարգաւոր
կամ
ոչ,
գաւազանին
վրայ
ուղղաձիգ,
երբ
լուրը
կ’առնէին
դղրդող
դէպքերու,
մեր
սպասումէն
բոլորովին
գերիվեր,
որոնց
վերջաբանին,
նոյն
այդ
մարդերը
կոկոզ
կ’ընէին
հարու
ա
ծեալ
դուռներու
սեմին
ու
կը
ջ
անային
հասկնալ
ճշդիւ
խաղերը
ճակատագրին,
տրուած
դրուագին
լարերը
քակել,
ու
անկարելի
նկատուող
այդ
միութիւնները,
բախումները,
գայթակղութիւնները
մատչելի
ընել
իրենց
մարդկեղէն
իմաստութեան
ստեղներուն։
Բարիքը,
ոճիրը,
սէրը
ու
թունաւորումը
գլխաւոր
զսպանակները
կու
տային
այդ
անակնկալներուն։
Հո՞ս։
Խոհարարը
չունէր
այդ
մարդոց
մօրուքն
ու
պայծառ
գանկերը։
Բայց
յիշեց
հնօրեայ
պատգամը։
Զոր
լսեր
է
ր
Սուրբ
Սարգիսին
Շաբաթ
օրը,
ձիւնոտ
ու
փոթորկոտ
առտու,
երբ
դրացի
Մանոն
իր
ջորիին
վրայ
տուն
կը
բերէր
քողուած
բան
մ
ը,
հարսը,
եօթը
լեռ
անդին
խեղճուկ
գեղէ
մը։
«Արիւնին
դէմ
չէր
քալած»
Մանոյին
հայրը,
կտրիճ
ջորեպան,
ու
առած
հարսը
իր
օճախին
տակ։
Այդ
հարսնուկը
աղջիկն
էր
այն
կնոջ,
որուն
հետ
նշան
էր
կապած,
իր
երիտասարդութեան
եւ,
աւելի
կտրիճ
հօրը
ճնշումով՝
ետ
ըրած
էր
նշանը։
Այո՜։
Քալելու
չէին
արիւնին
դէմ։
Ըսեր
էր
անիկա
այդ
տարազը
հօր
մը
հոգիով,
որուն
կարծիքին
ըլլար
դիմուած,
դատելու
իր
զաւակը,
սիրածին
ետեւէն
հայրենի
օճախը
լքող
ու
գացող։
Հետեւանքնե՞րը։
Խոհարարը
ծալեց
իր
ձեռքերը
կուրծքին
վրայ։
Անիկա
բնազդաբար
կը
մտնէր
այդ
դիրքին՝
ամէն
անգամ,
որ
իր
տարփուհին
գիտնար
աքցանուած
ճակատագրին
ճիրաններէն։
Որքան
յաճախ
գեղանի
կին
մը
այդ
Եղնիկն
է,
առիւծի
մը
ճիրաններուն
մէջ։
Անիկա
գործաւորն
էր
անոր
մեղքին
ու,
այդ
ակօսով՝
անոր
բոլոր
ցաւերուն։
Ուշագրաւ
էր,
որ
այդ
պարագաներուն
անոր
չայցելէր
մեղաւ
ո
ր
Բարսեղ
վարդապետը։
Սարայլըն
մեղմով
քակեց
այդ
խաչը
անոր
կուրծքէն։
Իր
նշանաբանն
էր
արիութիւն,
ամէն
բանի
մէջ,
վայելքին՝
ինչպէս
դժբախտութեան։
Եկան
անոնց
կուշտերը
իրարու,
ամէն
անգամուան
նման,
բայց
խոշոր
պաղով
մը
կիսուած
իրարմէ։
Կեանքը
կը
թաւալէր
այդ
խորշէն
դուրս,
մեծ
ու
պղտոր,
փափուկ
ու
գարշագին
ալիքներով։
Հազարով
տուներու
ներսը,
սա
պահուն,
սեղան
կուգային
անօթութիւնն
ու
յափրանքը՝
ցաւն
ու
որդնոտած
խղճահարութիւնը,
անմեղութիւնն
ու
զոհին
միամիտ
ողբերգութիւնը։
Անոնց
գանկին
տակ
այս
ալիքը
կը
կոծէր
սրտին
նեղ
պատերը
իր
ընդունարանին։
Կը
մտածէի՜ն։
Աւելի
ճիշդ
պիտի
ըլլար
ըսել՝
իրենց
մտածումները
կը
զգային
այս
բզզիւնով,
պտուտքով
թրթռուն
ու
շոգեւոր
ոլորտի
մը
ընդմէջէն
։
Տ
եսնելու,
դատելու,
հեռազգալու
(բոլոր
սիրահարներու,
վտանգահարներու
մօտ
սա
զգայարանքը
շեշտուած
էր
աղբիւրին
համեմատութեամբը։
Մշտական
թրթռումը,
պրկագին
լարումը
կ’աճեցնէ
հանդարտ
զօրութիւնները)
իրենց
սրութիւնը,
աջողակութիւնը
կարծես
բանով
մը
կապ
ունէին
այդ
պղտորումին։
Ա՛յնքան՝
որ
անոնք
կը
նեղուէին
իրենց
հոգիին
սա
իրական
«քրտինք»էն։
-Ինչպէս
մէջ
ինկայ…
Սարայլը՜ն
մարմինով
ու
հոգիով
բոլորովին
հեռու,
գրեթէ
զգայախաբական
(hallucinatif)
այլուրութեամբ
մը։
Ու
չէր
անդրադառնար,
որ
ինքը
չէր
ինկողը,
այլ
ձգած
էին
զինքը։
Բայց
խոհարարը
լսեց
քիչ
մը
շատ
յստակ,
անդրաշխարհի
սա
պատգամը
ու
անոր
մազերը
փուշ-փուշ
քաղուեցան
հոգիէն
դէպի
դուրս։
Անիկա
վերածեր
էր
այդ
անկարող
բացագանչութիւնը
իր
լռուած
իմաստին։
Տաքցան
անոր
մտքին
ճամբաները
նոյնքան
արագ
հակազդեցութեամբ
մը։
Հաշիւներէ,
խղճագիտական
ելեւէջներէ
վեր
թափանցում
մը
կայ,
որ
հասարակաց
է
մարդոց,
մահուան
ստուերին
ընդմէջէն։
Մահը
զգալու,
դատելու
կերպերը
չեն
բաղդատուիր
մարդկային
իմացական
միւս
գործունէութիւններուն,
այնքան
այլազան,
ցեղէ
ու
միջավայրէ։
Խոհարար
մը
կը
չափէ
զայն
իմաստասէրի
մը
պայծառութեամբ։
Սա
տրամին
երկու
եզրերն
ալ
կը
յանգէին
մահուան։
Մէկուն
մէջ՝
մարմինը։
Միւսին
մէջ՝
հոգին։
Նոր
չէ,
որ
մեր
ժողովուրդը
տաճկընալը
աւելի
սեւ
պիտի
արժեւորէ,
քան
մեռնիլը
սուրի
բերանով։
Արեւէն
մթերուած
գոլը
կը
հալէ՞ր
առանձնարանին
մէջ,
որպէսզի
կսկծագին
մսուք
մը
երկննար
անոնցմէ
դուրս,
դէպի
ծայրեր
ը
իրենց
մատերուն,
որոնք
երկաթի
պէս
պաղ
եղան։
Պահ
մը
փորձեցին
տաքցնել
զիրար։
Բայց
մարմինը
կ’ընդվզէր,
յոգնաթափ,
անհամ,
գրեթէ
լեղի
բան
մը
հանելով
իրարու
դիմաց,
այտէ
ու
լեզուէ։
Ու
այդ
պաղը
դարձեալ
բառերուն
ալ
ժապաւէնին։
Տեսակ
մը
դժուար
գնացք,
որ
դէպքերու
վրայ
իրենց
անհեղինակութեան
կը
պարտէր
այնքան,
որքան
հետզհետէ
ծագելիքին,
պարզուելիքին
դէմ
իրենց
անպատրաստութեան։
Քոմանտան
փաշա՞ն՝
որ
դուրս
էր
այս
ամէնէն։
Ֆերուզէ՞ն՝
որ
կ’ատէր
իր
քոյրը։
Արջուն
թո՞ռը՝
որ
կրնար
մէկ
ժամուան
մէջ
ամբոխին
բերանը
ձգել
իր
սակարկութիւնը։
Անոնք
չայցուեցան
վարը
սպասող
մօրմէն,
վասնզի
մայրական
վիշտը,
շատ
անձնական,
չի
ճառագայթեր
իրմէն
շատ
հեռու։
Բայց
զբաղեցան
Սողոմով,
որուն
տարիքը
ձեռնտու
էր
շատ
մը
կարելիութեանց։
Դպրոց,
զինուորական
կրթութիւն,
ձայնին
մշակումը։
Ինչո՞ւ
չէ,
քանի
որ
փաշան
հետզհետէ
խենթը
կ’ըլլար
իր
տաղանդին։
Անկէ
յետո՜յ։
-Թող
կարգադրէր
Ի
ն
քը՝
Հեղինակը
այս
ողբերգութեան։
Արեւմուտքի
մէջ
չեն
հաւատար
Աստուծոյ,
ա
յսինքն՝
անով
խտացած
բարոյ
ա
կան
սահմանադրութեան։
Զայն
կ’ոգեկոչեն,
ամէն
առիթով,
բայց
իբր
յաւելուած
մը
կ’ընեն
ատիկա,
որուն
դերն
է
երջանկութեան
փաստ
մը
հասցնելը
Անոր
գնահատումին։
Արեւելքի
մէջ
այդ
բարոյախօսական
հրամայականները
մեծ
հաճոյքով
կը
չարափոխեն,
ծառայեցնելու
համար
զանոնք
իրենց
յայտ
ու
թաքուն
շահերուն
ու
մարդերը
կը
մորթեն
հազարներով,
աւելի
սրտեռանդ
ծառայած
ըլլալու
փառքին
համար։
Անոր
հրամաններուն։
Բայց
ամէն
մռայլ
ու
դժուար
հարցերու
դիմաց,
չեն
ալ
վարանիր
Անոր
վզին
փաթթելու
տրամին
հանգոյցը,
լուծումն
ալ
սակարկելով
միամիտ
պնդերեսութեամբ
մը։
Մի
մոռնաք
մատաղները,
որոնք
թուրքերուն
մօտ
բարքի
մաս
կը
կազմէին։
Անկէ
յետո՜յ։
Այսինքն՝
երբ
մարմինը
պաղէր
սարայլըին
անդու
ն
դներուն
խորը,
ու
հազար
Աւետիս
մնային
անզօր
պուտ
մը
կրակ
ճարելու
բիւրեղ,
պաճուճուած
սառնամանիքին,
որ
հանըմն
է
սանկ
քառսունհինգէն
ետքը,
իր
միսերը
աղտի
մը
պէս
կրելով
իր
ոսկորներուն
վրայ,
ու
իր
հոգին՝
իբր
աւերակ
մը,
օր
մը
փառաւոր,
բայց
այժմ
մոխրացած
յիշատակարանի
մը։
Այսինքն՝
երբ
խոհարարը
քաղուէր
իր
առնութենէն
ու
մտնէր
միւս
ճամբան,
ա՜ն՝
որ
կը
սկ
ս
ի
հողին
տակէն,
դեռ
մահէն
առաջ,
մեր
կրակները,
յուզումները,
երազները
ափ
մը
սեւ
աղբի
նման
դիզած
մեր
ոսկորներուն
ու
կորաքամակ
այդ
պուտ
մը
բեռէն,
կ
՚
երկննանք
երկճղի
տարածութիւնը,
մէկով՝
դէպի
դագաղը,
լոյսը,
միւսով՝
դէպի
«անվախճան
հուրն
յաւիտենից»,
ինչպէս
կը
պաղատէր,
որ
տեսնային
սա
մեր
կեանքը
բոլոր
անոնք,
որ
կը
կարդային
մեղաւոր
Բարսեղ
վարդապետին
վիմափոր
ողբը։
Անկէ
յետո՜յ։
Այսինքն՝
անոնց
զոյգ
դժբախտութիւնը,
այս
անգամ
Եղնիկին
հրաշալի
փթթումովը
զգեստաւոր,
շարունակէր
ինքզինքը,
պարմանութեան,
երիտասարդութեան,
հասունութեան
բոլոր
հրապոյրներով
ընդելո՜յզ,
յանգելու
հ
ա
մար
գուցէ
աւելի
մեծի
մը,
որ
պալատէ
պալատ
կամարներ
կը
հիւսէր
ու
իրենց
այդ
ուրուականը
(անոնք
զիրենք
հողին
յանձնելէ
չէին
վախնար
այս
մտամոլոր
կառուցումներուն
եզրին)
նետէր
սանկ
խորշի
մը,
ուրիշի
մը
կուշտին,
լալու
համար
աչքեր
անգամ
չունենալով
ու
կանչէր
զ
իրենք,
ինչպէս
հիմա
անոնք
կը
կանչէին.
-Ո՜ւր
ես,
մայրիկս…
Այնքան
ճիշդ
է,
որ
մեր
մարմինին
տարրերուն
հետ
մեր
ցաւերուն
ալ
իսկութիւնը
մենք
կը
փոխանցենք
մենէ
սերողներուն։
-…
-Աստուծոյ
կամքովը։
Ուրիշ
ի՞նչ,
սա
անկայուն
հողերուն
վրայ։
Դուք
գտէք
աւելի
յարմար
տարազ
մը։
Չըսաւ
անիկա
հետեւորդ,
պայմանադրական
նախադասութիւնը,
որ
թափանցիկ
էր
շատ.
-Մարգարէին
հրամանովը։
Այսպէս
կը
կատարուէր
թուրքերու
կրօնքին
մէջ
ամուսնութեան
առաջին
արարուածը։
-…
Անոնք
դուրս
ելան
առանձնարանէն,
մինչեւ
իրենց
ծուծը
սառած
ու
մռայլ։
Իրիկունը
ա՛լ
գրաւեր
էր
բազմանկիւն
սրահին
վերնամասերը։
Տգեղ,
ցոլացիկ
երեսներու
վրայ
մութին
այդ
նուաճումը
տխուր
է՝
որքան
ճնշող։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
բանաստեղ
ծ
ները
կը
զբաղին
այդ
վերջալուսային
թախիծով։
Ձեղունին
կեդրոնէն
ջահ
մը,
բազմալամբ,
որմէ
լապտեր
մը
վառած
էր
միայն,
անկարող
էր
կոտրելու
այդ
իւղաներկ
ու
պաղ
տրտմութիւնը,
որ
զարդարուած
սրահները
կը
զատէ
բնակուած
վայրերու
քաղցրագին
ընտանութենէն։
Մեր
տուներուն
զանազան
բաժինները
ունի՞ն
իրենց
սեփական
հոգեբանութիւնը։
Դժուար
է
հերքել։
Ամէնուս
պատահած
է
անցնիլ
մեր
ձեռքէն
փրթած
ու
չորս
պատերուն
տեղաւորուած,
առարկաներու
քովէն,
որոնք
մեզ
կ’ընեն
ուրախ
կամ
մելամաղձոտ։
Հանըմը
չտեսաւ
քոմանտան
փ
աշ
ա
յին
կենդանագիրը։
Բնական
մեծութեամբ,
երիտասարդ,
հասարակ,
արուեստի
մը
գործ։
Չտեսաւ
ուրիշ
ալ
նկար
մը,
պոլսական
տեսարան,
Էյուպի
այնքան
թիփիկ
մզկիթը,
նոճեստանովը,
ուր
սաւանի
մէջ
երկու
կիներուն
տգեղութիւնը
միշտ
կը
գրգռէր
զինքը։
Բայց
նկարները
անցան
իր
մտքին
բացերէն։
Սպասուհիներ,
սեւամորթ
պզտիկ
մը,
շուքերու
նման
կը
ճշդուէին
կիսաբաց
դուռներէն,
առաջանալով
դէպի
հանըմը։
Անոնց
տարազները,
անճշդելի
թշուառութեամբ
մը
կը
թուէին
հիւսուած,
պատնուած
զիրենք
կրողներուն։
Երկու
ալ
պառաւ,
տառօրէն
շնորհազուրկ,
որոնց
դէմքին
ուռած
էին
խորշոմները,
աղտոտ
գոյնով
մը։
Անոնց
ալ
նայուածքը
կ’երկարէր
հանըմին։
Մէկը
հեռուներէն
ազգական,
պէյի
մըն
ալ
կնիկը
ատենին,
իր
հացը
արդարացնելու
համար
սանկ
աչք
մը
կ’անցընէր
փաշային
յարկաբաժինին,
ու
կը
քաշուէր
վար,
անխօս,
հպարտ՝
բայց
համակրելի։
Անկար
օրերու
շնորհուած
սափոր
մը
հացը
եւ
տաք
անկողինը
մարդոց
մեծ
մասը
հեռու
է
գնահատելէ։
…Մինչեւ
խոհանոց։
Վարպետ
Աւետիսը
ոտքի
տեղ
երկաթ
կը
քաշէր
իր
ետեւէն։
Եւ
սակայն
չէր
իսկ
համբուրած։
Սարայլըն
յանձնարարեց
անոր
զբաղիլ
Սողոմին
մօրմովը։
Ոգեւորել,
պատրաստել
զայն,
տղուն
սպասումին
մէջ։
Ի՞նք։
-Պիտի
խօսէր
աղջկանը
հետ։
Բայց
գիտէր,
որ
չունէր
ըսելիք։
Այդ
տարտամութիւնը
զինքը
շեղեցուց
հիւանդին
լուսաւորուած
սենեակը։
Քանի՜
տարի
է,
անիկա
իր
սիրտը
բաժնուած
կը
զգար
այդ
աղջիկէն,
որ
անգիտակցաբար
խռովեր
էր
անոր
ապահովութիւնը,
բարկութեան
պահու
մը
զինքը
ղրկելով
«Հաւատիսին
գիրկը»։
Այսպէս
էր
պոռացեր,
իր
ցաւին
մէջէն,
անիկա,
աճապարանք
ունեցող
մօրը
երեսին
ու
գլուխը
թաղեր
բարձերուն
ներքեւ։
Անկէ
ասդին,
տարիները
թաւալեր
էին
ու
«ելոյթը»
չէր
կրկնուած։
Բայց
այդ
մէկ
հատիկ
քարը
կոտրեր
էր
անոր
մէջ
մայրենի
սէրը,
որ
կսկիծի,
արգահատանքի
շեշտ
երանգով
մը
կը
վիրաւորէր
տառապող,
«դանդաղ»
աղջիկը։
Ու
այս
երանգը
պարզ
էր
երկուքին
համար
ալ։
«Նաժիշտ»ները,
իրենց
բազմապիսի
զգայութիւններով
կը
լեցնէին
այդ
աղջկան
հոգին,
ճարտարօրէն
մշակելով
անոր
մէջ
արդար,
խուլ
նախանձ
մը,
բախտաւորօրէն,
Եղնիկէն։
Բոլոր
տկարները
թաքուն
դաշնակիցներ
են
իրարու,
ուժովին
հանդէպ։
Անիկա
իր
մայրը
ընդունեց
անտարբեր
դէմքով
մը,
որ
մօտ
էր
չարութեան։
Ու
այն
նայուածքին
մէջ
կար
այն
օտարութիւնը,
որ
արձագանգն
էր
մայրենի
սրտին
դատարկութեան։
Առանց
սպասուհիներէն
առաջնորդուելու,
լուսաւորուելու,
տղաքը
արդէն
ունին
սա
այլուրութիւնը
հանդէպ
ամէն
զգացումի,
երբ
չեն
կրնար
ընդգրկել,
ամբողջ
գտնել։
Ստոյգ
է,
միւս
կողմէ,
որ,
սիրահարով
գողցուածը,
պակսածը,
կինը
կը
ծածկէ
իր
ամուսինէն,
ահաւոր
ու
պարզ
բնականութեամբ
մը։
Բայց
մայրը
այդ
անկշռելին
չի
յաջողիր
փախցնել
զաւկին
զգայարանքներէն,
որոնք,
շատ
կանուխէն,
կը
չափեն
իրենցմէ
կորզուած,
բաժնուած
իսկանիւթը։
Սէրը
սէր
է
ի
վերջոյ։
Անիկա
չխօսեցաւ
այդ
աղջիկին։
Ծանր,
խոնաւ
նոյն
տրտմութիւնը
պալատին
հոս
ալ
կար,
սուգի
շղարշներու
նման
պատերէն,
վարդերանգ
առարկաներէն։
Կահերը,
սկահակները
ունէին
այն
կոտրած,
սիրտէ
հեռու
լքումը,
որ
մթնոլորտն
է
հարուստ
յարկաբաժիններուն,
երբ
տիկինին
սիրտը
պաղ
է
անոնց
դէմ։
-Հոս
չէ։
Քէնոտ,
պաղ,
առանց
նայուածքի։
Չեղողը,
անշուշտ
Եղնիկը։
Զոր
շատ
քիչ
սկսեր
էր
հանդուրժել,
երկու
շաբաթէն
ասդին,
երբ
անոր
մարմնական
լիութիւնը
ու
հոգեկան
սլացքը
ակնբախ
կը
դառնային
բոլորին։
Աճումը
երբեմն
ոստումով
կը
գործէ։
Մեծ
կիրքերը,
իրենց
կարգին,
կը
միջամտեն
մեր
ներքին
կարելիութեանց
ու
կը
ստեղծեն
մեծ
փոփոխումներ։
Եղնիկը
հասուն
աղջիկ
մըն
էր
ու
տարօրէն
գրաւիչ։
Նախազգացո՞ւմ։
Կասկա՞ծ։
Ո՜վ
պիտի
համարձակի
ստոյգ
չափեր
առնել
հիւանդին
ջիղերէն։
-Հաւատիսին
քովն
է։
Նոյնքան
պաղ,
արհամարհոտ,
չըսելու
համար՝
ծաղրական։
Սողոմով
ստեղծուած
«զբաղումը»
(բա՛ռ՝
զոր
կը
գործածէր
հիւանդը
մեծ
չարութեամբ
ու
երկդիմի
ցուցմունքներով)
կը
տարածուէր
անշուշտ…
մինչեւ
խոհանոց,
զանազան
երանգներով։
Հայութի՛ւն,
երաժշտութի՛ւն,
գթութի՛ւն,
–
ասոնք
ծանր
նախատինքով
շուրջառուած
կ’ելլէին
այդ
օրրաթոռին
խորէն,
երբ
աս
ու
ան
նաժիշտին
գաղտասացութիւնները
գրգռէին
ա
ն
բնական
ջիղերը։
Աւելի՜ն։
Եղնիկին
աչքերն
ու
Հաւատիսին
աչքերը
նոյն
գոյնն
ու
յատակը
ունէին։
Նո՞ր՝
թէ
այդպէս
էր
միշտ։
Ո՞վ
էր
հարցնողը,
տարի
առաջ։
Ինչո՞ւ
կը
հարցնէին
ատիկա
հիմա։
Նեղուած,
բայց
անկարող
այդ
զգայութիւնը
արտայայտելու
–
շատ
մը
ազդակներ
կը
միջամտէին
այս
անկարողութեան,
որոնցմէ
մեծը
մայր
ու
սիրուհի
ըլլալն
էր
նոյն
ատեն
–,
սարայլըն
նետեց
ինքզինքը
դուրս։
Հիւանդէ
մը
փրթած
սա
վիրաւորանքները
ստեղծելու
վրայ
էին
անդարման
ծերութիւն
մը։
Կիները
այս
կերպ
կը
տարազեն
իրենց
հոգեվարքը,
իրենց
հեղինակութեան
կամ
հմայքին
հասած
առաջին
հարուածները,
երբ
հասկնալ
կը
ձգտին։
Մտիկ
չըլլուող
կեսուրը
ու
ցանկալի
ըլլալէ
դադրած
տարփուհին
իրար
կը
լրացնեն։
–Խորունկ
բեկումով
մըն
էր,
որ
իջաւ
սանդուխները։
Նո՞ր
կը
զգար
իր
մարմինի
ն
բեռը,
թէ
տկար
էր
հոգեկան
թունաւորումէ
մը։
Յետոյ՝
ջա՛նք
մը,
տեսնելու
դէպքերէն
անդին։
Իրեն
այնպէս
կու
գար,
որ
սեւ
բան
մը
կը
պատրաստուէր
մութին
ծոցը,
հանդէպ
իր
«աղջիկին»։
Ու
լսեց
անիկա
իր
բառը,
իր
բերանէն,
անօրինակ
սարսուռով։
Մէկը,
անոր
մտքին,
պարզ
ու
նոյնքան
լսելի
հնչումով
մը
հարցուց
անոր։
-Մի՞ւսը։
Հիւա՛նդը։
Որո՞ւն
ն
էր
անիկա։
«Անհուն
է
մօրը
սիրտը»,
ըսեր
են
սրտի
խորաչափները։
Անշուշտ
մեր
պարտքն
է
հաւատալ
անոնց
գիտութեան։
Անհո՛ւն,
ո՛չ
միայն
դէպի
խորութիւն,
այլեւ՝
դէպի
լայնքը։
…Երբ
այդ
անդունդներուն
եզրին
մեղքին
ծաղիկը
կը
նստի
վախկոտ,
ու
մեր
աղջիկը
մեր
դէմ
կը
հանէ,
կենդանի
խայթի
մը
նման։
Երբ՝
կեանքը
շինող
մեծ
ու
պզտիկ
յուզումներէն,
տենդերէն,
յիմարութիւններէն,
պատրանքներէն
մէյ-մէկ
թել
մոխիր
կը
ճերմկի
այդ
սրտին
անհուն
գաւառներուն
իբր
սահմանագիծ
ու
մեզ
մեր
գերեզմանը
կ’ընէ…։
Անիկա
կ’ամչնա՜ր
մտածելու
այդ
«աղջկանը»
վրայ։
Կ
ա՞ն
պահեր,
որոնց
մէջ
կինն
ու
մայրը
զատուին
իրարմէ,
մորթին
տակ
երեւալով
մէկ,
բայց
երկուք,
տասը,
հարի՜ւր՝
իրարու
դիմաց,
խեղճ
կամ
բիրտ,
բայց
թշնամի
իրարու։
Առանց
մինչեւ
ոճիր
երթալու,
կեանքը
կը
հաստատէ
այս
«բազմութիւնները»
կիներու
սրտին,
երբ
անոնք
կը
խղդեն
իրենց
ամուսինները
կամ
հեքիաթին
պատմածին
նման
կու
տան
հովիւներու
իրենց
զաւակները՝
հեռու
աշխարհ
ղրկելով
զանոնք։
Անցաւ
անիկա
այրերու
բաժինէն։
Սրահը,
դուրսէն,
լուսաւոր
կը
թուէր,
բայց
այն
յստակ
տրտմութեամբ,
որ
դեկտեմբերի
պարզկայ
գիշերներուն
ն
է։
Պաղը՝
զօրանալու
վրայ,
հովին
լեզուովը
հետզհետէ
հաստըցող։
Աստղերը՝
սաստիկ։
Չենք
գիտեր
ինչու
այսպէս
կը
զգանք
մեր
տունին
ապակիները,
պարտէզին
մուտքին
կանգ
առած,
մեր
միտքը
արձակելով
խորհուրդին
ետեւէն,
զոր
կու
գանք
ձգելէ,
պարպուած
մեր
հոգիին
արիւնէն,
մեր
մսուքը
այսպէս
արտարձակելով
երերուն
կամարներու։
Անիկա
եկեր
էր
ճակատ
ճակատի,
ժամացոյցին
հետ,
որուն
դէմ
ջահ
մը
երեք
մոմ
էր
բռներ։
Փառաւոր,
սատափով
դրուագուն
եւ
«ոսկեհուռ»
արարածը,
ժամացոյցին
արաբ
նկարը
իր
նիզակները
մօտ
էր
խրձելու
սլաքաձեւ
ուրիշ
գիրի
մը
վրայ։
Պահն
էր,
որմէ
յետոյ
փաշային
սպասումը
րոպէներով
կը
կատարուէր։
Սովորական
օրեր,
այդ
մուտքը
քառաձի
կառքով,
կը
կազմէր
գիշերուան
կարեւորագոյն
դէպքը։
Ծառաները,
ախոռի
ջոլիրը,
քէօլէները,
տատաներն
ու
տայլը
ները,
իրարու
մօտէ
անցած
ատեն
կը
հաշուէին
կայանները,
որոնք
ա՛լ
ձգուած
էին
ետ։
Հիմա՞։
Սարայլըն
տագնապն
ունէր
«հանդէսին»,
որ
կը
գուշակուէր
փաշային
թուղթերէն։
«Ընտրեալ
բազմութիւն
մը»
անոր
հետ
ընդունելութեան
մեծ
սրահին
մէջ
պիտի
ըլլար
հանդիսատես
վսեմ
արարողութեան,
որմէ
ետքը
Սուղում
օղլու
Սուղումը
պիտի
արձանագրուէր
սրբացած
հաւատացեալ։
Այսպէս
կը
յանձնարարէին
նոր
հասնող
թուղթերը։
Ու
սրահը
յարդարանք
կ’ուզէր։
Մինչ
այդ,
նման
ամէն
սպասաւորի,
որ
կը
վախնայ
բազմութենէն,
անով
գալիք
մեծ
ու
պզտիկ
ընդհատներէն
–
ծերութիւնը
հոգիին
սա
վ
ախն
է
անգուշակելի
դէպքերու
առջին–,
կեցաւ
անիկա
ժամացոյցին
դէմ,
որմէ
երգ
մը,
ճարտար
ագուցումով
մը,
սեւուկ
մանրանկար
մանչուն
բերնէն
հոսելով,
խորուն
կ
ու
մածուցիկ
բան
մը
նետէր
պատերուն,
բայց
նման
կարմրած
երկաթի
մը
վրայ
ինկող
կաթիլներուն,
անոր
հոգին
կ’
ա
ղմկէր
այդ
խորովածի
զգայութիւններով։
Կատարեալ
ողբ,
քառորդ
րոպէ
առնող
սա
եղերերգը,
անշուշտ
արեւելեան
ալ,
քանի
որ
պատրաստուած
էր
«Ալամանիա»,
քոմանտան
փաշային
յատուկ
յանձնարարութեամբ։
Երաժշտութի՛ւնն
ալ,
անոր
հեղինակութիւնը։
Մետա՞ղ։
Մի՞ս։
Իբրեւ
թէ
մարդկային
մատէ
մը
թափուող
այդ
խաղերը
նմանէին
սլաքներու,
որոնք
սրտէ
անցնէին։
Մետաղը
երբեմն
ունի
այս
արիւնոտ
կսկծանքը։
Միւս
կողմէ՝
տենդայոյզ
շարժումները,
աթոռի,
սեղանի
փոփոխումները,
հրահանգները՝
«մեծաւորը»
եւ
անոր
ականաւոր
հիւրերը
վայելչօրէն
ընդունելու։
Արարողապաշտութիւնը
ծերակուտական
առաքինութիւն
է։
Սեռին
համար
ա՛լ
անպէտ
դարձած՝
մարդիկ
այսպէս
կը
շահագործեն
ձեւին
պաշտամունքը,
շոյուելով
բառով,
շարժումներով,
ու
կը
մոռնան
այս
հոլովոյթին
մէջ,
կսկիծը
իրենց
շիջելափառ
առնութեան։
Դուռներ,
որոնք
կը
բացուէին
մեծաշռինդ,
անցք
տալու
համար
թիկնաթոռներու՝
դէպի
սրահը։
Սարայլըն
ձգեց
ժամացոյցը
ու
անոր
աչքերը
կը
քաշուէին
խոհանոց։
Բայց
կեցուց
իր
հոսումը,
վասնզի
ամէն
րոպէ
դիմում
կար
իրեն։
Ծառաները
կը
չարչարէին
զինքը,
իրենց
ոչինչ
հարցաբանութեամբ։
Հարուստներու
բնակարանը
խօսիլն
ալ,
ըսել
կ’ուզեմ՝
զայն
յարդարելն
ալ
գործ
մըն
է,
ինչպէս
ժողովներու
մէջ
խնդիր
յուզելը։
Հարիւրապետ
Աքիֆ
պէյը։
Գեղազարդ։
Ալիւր
ի
ելած
երեսով։
Որուն
ձին
խրխնջեց,
բացառիկ
ու
հզօր,
թերեւս
տիրոջը
պէս
«հոտ
առնելով»,
ինչպէս
կը
պատկերէ
ժողովուրդը
սեռային
բնազդին
սա
մութ
արձագանգները
տարազելով
յաջողութեամբ։
Հարիւրապետը
կանխած
էր
թափօրը,
րոպէ
առաջ
ինքզինքը
տարած
ըլլալու
համար
սա
«մեծապայծառ»
սրահին,
ուր
պտըտելու
էին
«մայրն
ու
աղջիկը»,
երկուքն
ալ
մէկ
հանելով
իր
բերնէն,
ինչպէս
մէկ
էին
անոնք
իր
մտքին
խորը։
Մենք
վարժուած
ենք
տարբերութիւն
մը
դնել։
Գեղացի
այդ
«արջու
թոռը»
կին
միայն
կը
տեսնէր
այդ
երկուքին
մէջ։
Հակառակ
իր
պնդումին,
սպառնալիքին՝
անիկա
չա
ր
ժանացաւ
հանըմին
հետ
խօսելու։
Ծառայ
մը
անոր
հաղորդեց
հանըմին
չափազանց
զբաղուած
ըլլալը,
ընդունելութեան
գործերով։
Ահագին
իրարանցում։
Հիւրերուն
մէկ
մասը
արդէն
ծայր
տուած։
Անդադար
երթեւեկը
սպասի
մարդոց։
Քիչ
ետքը,
շքեղ
դղրդիւնը
լանտոյին։
Որուն
ետեւէն
կարճ
ընդհատներով
ուրիշ
թաւալումներ։
Պորտայի
մուտքին
զինուորական
բարձրաղաղակ
բարեւ։
Ու
պալատին
բոլոր
պատուհաններէն
լոյս։
Շեփորը։
Ընդարձակ
աղմուկով։
Արիշներուն
ջահերը,
վառօդով
վերջացող։
Գահակալութեան
եւ
Ծննդեան
տարեդարձներուն
հրախաղութեանց
մնացորդները՝
այդ
հրթիռները։
Հոտ՝
վառօդի,
այրած
լաթերու,
թուղթի։
Ազգային
տօն։