Դ.
Սողոմենց
կնիկը,
աղաչագին՝
-Մ’երթար,
Աւետիս։
Կէս
ժամէ
ի
վեր,
խոհարարը
առանց
դադարի,
կ’երթեւեկէր
մէկ
բաժ
ինէն
միւսը,
հարեմլիքէն
սէլամլըգը։
Հարիւրէն
աւելի
էր
թիւը
հիւրերուն,
պալատի
նախագաւիթին
հ
ի
մա
ցրուած,
մեղմ
խօսակցութեան
մը
անձնատուր,
որ
թուրքերուն
քաղաքակրթութեան
մէկ
երեսն
էր
այդ
ատեն։
Ընտանեկան
աշխարհի
իրենց
օտարութիւնը
զանոնք
կը
նետէ
սրճարանները։
Հանըմին
կարգադրութի՛ւնը՝
սէլամլ
ը
գի
մեծ
սրահը
զանոնք
առաջնորդելէ
առաջ,
անգամ
մը
տեսնուիլ
քոմանտան
փաշային։
Անոր
ջանքերը
ապարդիւն
անցեր
էին՝
խնայելու
համար
Սողոմին
սա
պաշտօնական
նուաստացումը։
Ու
անիկա
ճնշումին
տակն
էր
այս
վրիպումին։
Ամէն
գնով
տղան
կը
խնդրէր
մօրը
հետ
տեսակցութիւնը
առանձին
կատարել։
Ու
մինչեւ
էտինք
անիկա
մերժեր
էր
համակերպիլ
պաշտօնական
տեսարանին,
սպառնալով
մեռնիլ,
քան
թէ
այդքան
աչքերու
առջեւ
մայրը
ուրանալ։
Ու
ամէն
գնով
քոմանտան
փաշան
վճռած
էր
մօր
ու
տղուն
հանդիպումը
տօնել
դասական
հանդիսաւորութեամբ։
Գերման
երաժշտութիւնը
ու
թատրոնը
հեռու
էին
շատ,
որպէսզի
տառապէին
ճաշակի
սա
գռեհկութենէն։
Այս
հանդէսը
յայտարարելով
իր
շրջանակին՝
անիկա
հարազատ
թուրքն
էր
իր
միջավայրին,
ուսումէ
անմասն
փաթթոցաւոր
հաճին,
որ
աշխարհը
կը
դատէ
իր
պայրամներով
ը։
Բաց
ասկէ,
տղուն
սպառնալիքը
գրգռած
էր
անոր
մեծամտութիւնը։
Անիկա
չէր
հաւատար,
թէ
հոգիները,
քսանէն
չանցած՝
կրնան
հանդուրժել
մահուան
սարսափին։
Ու
մերժեր
էր,
զինուորական
արագութեամբ,
կնոջը
թախանձանքը։
Ու
դէպքերը
կը
քալէին
ինքնագլուխ։
Խոհարարը,
գեղջուկ
կնիկէն
ինքզինքը
ազատել
ջանալով,
կը
հովուէր
սեւամորթը,
երրորդ
անգամ
ըլլալով
կանգնած
դուռին,
հանըմէն
հրահանգ
բերողի
տիրական
կեցուածքով։
-Մի
վախնար,
քուրո՛ւկ,
հըմըճուկ
կու
գամ…
Ու
յատկանշական
էր,
որ
ներսը
«բանող»
բուռն
տագնապին
հակառակ՝
անոր
բառերը
փորձէին
մնալ
մեղմ
ու
կակուղ։
Անիկա
մտահոգ
էր
սա
հանդիպումին
ելքովը
աւելի,
քան
տանտիրուհին։
Հարիւր
թուրք,
հայու
կտորի
մը
դէ՜մ։
-Սիրեկան
մեռելիդ
հոգուն,
մ’երթար
քովէս։
Ու
անոր
դէմքին՝
վախէն
շատ
վեր
այն
խռովքը,
որ
կը
զարնէ
նախնական
հոգիները,
երբ,
պատմել
գիտցողի
մը
բերնովը,
գիշերը
կէսին,
քընց-մեզ-աղէկներու
հեքիաթ
մը
կը
շինուի,
խաղաղ
սենեակին
մէջ,
քանի
մը
ականատեսներու
իրերատիպ
վկայութեամբը
հ
աստատուած։
Երբ՝
իր
մահիճին
գամուած
պ
առաւին
շուրջը
կը
հաւաքուէին
թիզ
մը
հասակով,
բայց
նոճիի
մը
չափ
երկար
մօրուքով
ճիները
ու
անոր
մեղքերը
մէկ-մէկ
կը
բռնէին
աչքին
դէմ…։
Ինչ
որ
իբր
ձայն,
շարժում,
երթեւեկ,
մարդկեղէն
տարր
անցած
էին
Սողոմին
մօրը
ջիղերէն,
սա
կարճ
միջոցով,
բաւ
էին
քրքրելու
ամէնէն
ամուր
ուղեղները։
Սա
պալա՞տը։
Անիկա
երազին
մէջ
իսկ
չունէր
տեսած
անոր
նմանը։
Հեքիաթին
շինածները
չափազանց
անորոշ
են,
տեսանելի
ըլլալու
համար,
ու
ոսկեդրուագ՝
ըսուելու
համար
իրաւ։
Այս
խորունկ
յուզումը
տեսակ
մը
յատակ
էր
անոր
ցաւին,
որ
ելած
էր
նախնական
մշուշէն,
դարձեր
էր
յստակ
մեռել
մը։
Անոր
զգայութիւնները
սահմանին
մէջը
կ’իյնային
անիրական,
ահալից
պատահմունքներուն,
–
ձմեռ
գիշերուան
նուէ՜րը՝
գեղջուկ
երեւակայութեանց։
-Մենաւորիկ
ես
կը
վախնամ
աս
սարային
մէջ։
Իրաւ
ալ
իր
բառերուն
հետ
անիկա
գրեթէ
կը
դողար,
առանց
գիտնալու։
Այս
յուզումէն
բռնավար,
դողդոջ
իր
ձեռքը
ամրացուց
խոհարարին
մէջքին,
գօտիին։
-Ձգէ,
քուրո՛ւկ,
գործ
կայ,
գո՜րծ։
Ու
անոր
մէկ
աչքը
միշտ
կը
հովուէր
սեւամորթ
պահակը,
որ
նեղսիրտ,
զայրացած
ըլլալուն
հակառակ,
պարտաւոր
էր
ինքզին
ք
ը
ծածկել։
Պալատներուն
հոգեբանութիւնն
է
ասիկա,
–
զգալ
ու
տեսնել,
բայց
ատիկա
հերքել
աշխատիլ։
Խելքէ
ու
ապրումէ
բաւական
աղքատ՝
Սողոմենց
կինը
հեռու
էր
հասկնալէ
սա
շշուկուած,
բայց
չըսուած
«գործը»։
Անոր
հետաքրքրութիւնը
չունեցաւ
իր
գոհացումը։
Այս
անորոշութիւնն
էր,
որ
անոր
մէջ
փոխուեր
էր
վախի։
Այդ
վա՜խը՝
իր
մինակութեան,
երբ,
խոհարարին
բացակայութեան,
Սողոմը
մտցուէր
պալատ։
Որ
սա
կնիկները
առնէին
տղան,
իրեն
չհասած։
Որ
սա
մարդերը
գողնային
տղան…։
Այսպէս
ողորմելիներ
ենք
մենք
ամ
է
նքս,
մեր
դատումին,
ենթադրումին,
եզրակացումներուն
մէջ,
երբ
գիտենք
վտանգը
ամրօրէն
տեղաւորուած
մեր
քամակին։
Դիւրայոյզ,
խոր
սա
րոպէները
որո՞ւ
կարգադրութեամբ,
փոխանակ
կարճնալու,
սպառելու,
կ’երկ
նն
ային
այսպէս,
մինչ
իր
չորս
պատերէն
դուրս
թուրքին
աշխարհը,
աւելի
քան
իրաւ,
լռին
պատկեր
էր
անոր
ջիղերուն,
ու
թուրքին
Աստուածը
հինա
կը
դնէր
՝
ինչպէս
սովորութիւն
էր
խօսիլ
գեղը,
թուրքերուն
յաջողութիւնները,
ուրիշ
բառով՝
հայուն
կորանքը
զրուցուած
ատեն,
սեմի
ժողովներուն։
Խ
օ
սե՞ր
էր
գլուխ
գլխի,
Աւետիսին։
Այսինքն՝
իր
սի
ր
տը
դանկըտող
մեծ
ցաւը
պարպա՞ծ։
Կը
հարցնէր
լրջօրէն
ասիկա
ինքնիրեն,
թէեւ
դեռ
իր
մարմինը
կսկիծին
տակն
էր
այդ
տեսակցութեան,
ասոր
սիրտ
ճմլող
յուզումներուն,
քանի
որ
ատոր
ընթացքին,
հարազատ
հայ-քրիստոնեայ՝
անոնք
մօտեցեր
էին
Ե
ր
կինքին
ու
Դժոխքին
հզօր
իրականութեան,
որ
այդ
գիծէ
միակ
իրականութիւնն
է,
ամէնէն
իրաւը,
ու
մարդկայինը։
Ըլլալով
փոխն
ի
փոխ
նկուն
ու
կատաղի,
խանդավառ
ու
յուսահատ,
վճռական
ու
դոնդող,
Սողոմին
մահը
զետեղելով
երկու
աշխարհներուն
ալ
պորտին
։
Անիկա
պատրանքը
չունէր
այդ
մահուան։
Բայց
տեսակը
ընտրելու,
վճռելու
հարկին
առջեւ
ձեռքերը
կը
ծեծէր
գլուխին։
Միւս
կողմէ՝
գիշերասկիզբը,
որ
քալեր
էր
խռովիչ
մանրամասնութեանց
մէջ։
Թուրքին
պալատը,
ժողովուրդի
մտքին,
կը
տարբերի
հեքիաթին
պալատներէն,
արիւնի,
ոճիրի,
կրակի,
կախաղանի
շատ
ուժգին
աւանդութիւններով։
Մինակ
հայու
հոգեբանութիւն
չէ
ասիկա,
այլ՝
անդրադարձը
քաղաքական
բարքերու,
որոնք
մարդու
մը
կեանքին
տեւողութեամբը
այնքան
հսկայ
վերիվայրումներ
կը
հանդերձեն
մեծափառ
փաշաներու,
բախտի
գագաթէն
մէկ
օրուան
մէջ
իջնող
անոր
անդունդը,
տունովն
ու
տեղովը
հետակորոյս։
Ու
այս
ծուէնները
դեռ
մեռած
տարր
չեն
թուրքերու
բարքերէն։
Այսպէս
կը
մտածէր
ճանճի
չափ
ուղեղ
չունեցող
կինը,
իր
ջիղերով,
քանի
որ
լռած
էր
այդ
ամէնէն։
Խ
ոհարարին
հետ
խօսակցութիւնը
ընդհատուեր
էր
մէկէ
աւելի
անգամներ
դուրսը
անցնող-դարձող
բաներով,
որոնք
իրենց
կիսաշունչ,
երկարուն
արձագանգով
խոշորցած
մասերէն
մատչելի
էին
անոր
գերագրգռուած
ջիղերուն։
Երեւոյթները
երբեմն
այս
աղաւաղումով
կը
զետեղուին
մեր
ուղեղին։
Իրենց
ամբողջութենէն
անջատուած,
առանց
գլուխի
կամ
ոտքի,
բայց
առանց
հրէշայնութեան
ալ։
Շրջապատին
օտարութիւնը,
նորութիւնը,
այլայլուն
համբաւը
դեր
ունին
սա
զգացական
ձեւազեղծումներուն
մէջ։
Սողոմենց
կինը
բացառիկ
ընկալչութեամբ
մը
հետեւեր
էր
այն
խելացնո
ր
աղմուկին,
որ
գործն
էր
կառքերուն,
անջատ
ձիախումբերու,
մեծադղորդ
բացուող
ու
գոցուող
դուռներու,
–
շարժումներ՝
ծառաներու
իրերանցիկ
գոռում-գոչումովը
համախառնուրդ։
Բանա՜կ
մը
ամբողջ։
Տարօրինակ
հնչականութիւնը՝
սա
սենեակին,
զոր
կը
գտնէին
վերէն,
քովերէն
փրթած
ձայնի
բոլոր
կտորները։
Կտրտեցէք
այդ
աղմուկները
այն
միւս
լուռ
աղմուկներով,
որոնք
մարդերն
են,
առանձին
կամ
խումբով,
առանց
որոշ
գործի
մտնող,
ելլող,
բան
մը
փնտռելու
պատրուակին
տակ
կիսապուշ
կինը
սեւեռելով
ծանրկեկ
բիբերով։
Կինե՜ր՝
ամէն
տարիքի,
ամէն
գոյնէ։
Ու
ամէն
հոտէ։
Դաժան,
կիսաժպիտ,
ծեքծեքուն
ու
մեգերա։
Որոնք
բերան
չէին
բանար
ո՛չ
իրեն,
ո՛չ
խոհարարին։
Կինե՛ր՝
բացի
մօտ
երեսներով,
բարակ
ու
ժանեկահիւս,
այնքան
հով,
որ
մարդ
կը
շփոթուէր
անոնց
իրական
մարմին
մը
տալու։
Ո
ւ
րիշներ,
դարձեալ
կին։
Որոնց
հագուկապին
այլանդակ
այլազանութիւնը
իբր
նոր
վախ
մը
կ’աւելնար
անոր
ջիղերուն,
նրբենի,
ձիւնի
թելերով
շինուած
շղարշէն
մինչեւ
տանհիւս
կապան,
Թուրքերուն
ճիւպէն,
երերուն
ակօսաւոր
կտրուածքովը
ու
կարերուն
օղակէն
բակլայ-բակլայ
դուրս
ցայտող
կոյր
աչքերովը։
Կիներուն
սա
հետաքրքրութիւնը,
տղէն
առաջ
մայրը
տեսնելու։
Ու
որեարը
ծառայողներուն։
Ապարանքներուն
ենթաշխարհը
մարդկային
պազար
մըն
էր
Թուրքիոյ
մէջ։
Նախապաշարումի
հաճոյքով
կը
յարգէր
աղտն
ու
ոջիլը
հոն
ինկած
խլեակներուն,
որոնց
դժբախտութիւնը
իրաւունք
մըն
էր,
բախտէն
գողցուած։
Կրօնական
հարկադրանքէն
անկախաբար,
տանուտէրը
իր
հացն
ու
պաշտպանութիւնը
չէր
զլանար
անոնց
պարագաներուն
անգամ։
Քոմանտան
փաշային
ապարանքը
կը
միացնէր
երկու
աւանդութիւններն
ալ։
Ո
ւ
չկար
համրանքը
այդ
սպասի
արարածներուն։
Նոյն
յարկին
մէջ
շունչի
սա
շատութիւնը
ի
վերջոյ
տպաւորեց
գեղացի
կինը,
որուն
պատմութիւնը
յետին
հետքերը
կը
յիշէր
յիսուն-վաթսուն
հոգինոց
ընտանիքներու,
ա՛լ
անդարձ
կորած
գեղին
առօրեայ
իրականութենէն։
Տպաւորութեանց
սա
խառն
ստեղներուն
մէջ
Սողոմին
կարօ՞տը։
Անիկա
մթնոլորտն
էր
անոր
հոգիին։
Սեւամորթը,
դրան։
Եղկ։
Նենգ։
Բայց
պաղարիւնովը
թուրքին,
որ
գիշակերինն
է
զոհին
աշում
ը
կատարած
պահուն։
Արիւնի
մէջ
այնքան
անժուժկալ,
անկէ
առաջ
թուրքը
գիտէ
ինքզինքը
պահել
զարմանալի
բնականութեամբ
մը։
Սեւ
Մուսթաֆան
կը
զննէր
կեավուրին
մայրը։
Ու
կ’ընէր
ասիկա,
դեռ
մինչեւ
այն
րոպէն
լաւ
հասկցած
չըլլալով
արժէքը
հայուն
կտորին,
որ
սա
աւերակէն
էր
փրթած։
Անոր
կեանքին
շատ
մը
տարօրինակ
դէպքերէն
երկու
պատահար
կը
գրաւէին
անոր
զարմանքը։
Մէկը
գիտէք։
Մի՞ւսը։
–
Ատ
ալ
արժէքը
սա
«խոհարարի
կտորին»։
Ներքինիի
իր
ահաւոր
հոտառութիւնը
զինքը
յաճախ
կը
դնէր
իրականութեան
հետքին,
բայց
կը
լքէր
զինքը,
երբ
հարկ
կը
ներկայանար
իր
կասկածները
բանաձեւել։
Քոմանտան
փաշային
աղջիկ
հայթայթելը
աւելի
շահաբեր
էր
անշուշտ,
քան
կասկած
հայթայթելը։
Բայց
չէր
անգիտանար
«խոհարարի
կտորին»
հեղինակութիւնը։
Ու
խելացի
մարդ,
շրջանը
կ’ընէր,
խուսափելով
անոր
ճակատուելէ։
Սրբազան՝
իր
բարով
միւպարէք
սա
գիշերը
անիկա
զգուշացաւ
աղտոտելէ
«խոզի
ձագ»,
«երիցս
խոզ»
անհաւատին
հետ
անտեղի
բախումով
մը։
Պիտի
ատէր
զայն։
Բայց
պիտի
քաշուէր
հետն
իյնալէ,
քանի
որ
վէճը
հանըմին
կը
յանգէր։
Չորրորդ
անգամն
ըլլալով՝
-Հայտէ,
Հաւատիս։
Խստութի՞ւն,
սա
շեշտին
մէջ,
որպէսզի
խոհարարը
աղար
ակռաներուն
տակէն.
-Գնա՛
գործիդ,
սեւ
սատանայ։
Խստութի՞ւն,
սա
արձագանգին
մէջ,
որպէսզի
Սողոմին
մայրը
շուար
ճիչով
մը
ձեռքը
տանէր
բերնին,
–
ապուշութեան
ու
վախի
դասական
արտայայտութիւն։
Խոհարարը
բռնեց
անոր
դաստակէն,
սեղմել
չու
զ
ող,
ազատելու
ճիգով
իր
գօտին։
-Հըմըճուկ,
քուրո՛ւկ,
հըմըճուկ։
Ու
թաւ
անոր
յօնքերը
կծկուեցան
դառն
շարժումի
մը
վրայ,
որ
ոլորեց
անոր
ծոծրակի
ծխնին։
Գեղացին
բնազդական
այդ
խուսափումը
կ’օգտագործէ,
ձեռքերը
ետ
ընելով։
Նոյն
այդ
պռստումին
մէջ
անիկա
չափեր
էր
սեւամորթը,
գլխէն
մինչեւ
եղունգները,
ինչպէս
կ’ըսեն,
բիրտ,
վիրաւորիչ։
Չհայհոյեց
սակայն
–
վասնզի
մոռցեր
էր
ատիկա
իր
տարփուհիին
պնդումին
վրայ,
որ
այդ
շահին
համար
կը
ներէր
անոր
միւս
կոշտութիւնները
հանդէպ
աղաներուն,
ասոնց
շառաւիղներուն–,
քանի
որ
ա
յ
ցուեցաւ
պահին
պատգամովը։
Պատրաստութիւնն
էր
ատիկա
կեավուրին,
որուն
ցեղէն
ահա
հատ
մըն
ալ
կը
պակսէր
`
աւելնալով
թշնամիին
շարքերուն։
Ու
խոհարարը,
առանց
ընկերաբան
կամ
յեղափոխական
ըլլալու,
կ’ընէր
թափանցումը
սա
պատգամին։
Տարբերութեամբ
մը
սակայն։
Այդ
թափանցումը
նմանելի
չէր
հիմկու,
յետպատերազմեան
սերունդի
յուսակտուր
նահանջին,
այլ՝
հոգեպէս
փոխարինուած
տրտմութիւն,
նահատակի
շեշտ
ու
առոյգ
աւիշով
ու
ցեղային
այն
հոգեբանութեամբ,
որ
կորուստը,
մահը
նորոգման
եւ
ուժի
ազդակներու
կը
վերածէ
մեր
պատմութեան
մէջ
ու
մեզ
բերած
է
մինչեւ
մեր
օրերը,
կոտորակուած,
պակսած,
բայց
առողջ
ու
յամառ…
-Գնա՛
կորսուէ,
պէ
հերիֆ
։
Ցցուեցաւ
անոր
բռունցքը։
Ու
չէր
գիտեր
որոշ,
թէ
ի՛նչ
կ’ուզէր
սեւամորթէն։
-Խելքին
տէրը
չէ
նորէն,
-
մրմնջեց
սեւամորթը,
խոհեմ
ըլլալու
դատապարտուած։
Քանի
տարի
է,
անիկա
կատաղութիւնը
կը
մարսէր
իր
անզօրութեան
հանդէպ
այդ
կեավուրին,
որուն
ուժին
«աղբիւրը»
թէեւ
պարզ,
բայց
ջուրովը
կը
մնար
անծանօթ։
Բախո՞ւմ։
Չեղաւ
ատիկա։
Նրբանցքի
սալերուն
կրունկի
զարկեր։
«Ժամ
մը»
հեռուէն
խոհարարը
կը
զատէր
Եղնիկին
տոտիկները,
առանց
սխալի։
Մենք
կը
սպասենք
մեր
սիրածներուն
ինչպէս
երաշտահիւծ
արտերը
ամրան
անձրեւին։
Մենք
պիտի
սպասենք
մեր
սիրածներուն
նոյնիսկ
երբ
մեր
ջիղերը
ըլլան
փրթած
անկանգնելի
բեկումով։
Թերեւս
քնանայ
մեր
մէջ
սէրը։
Բայց
զաւկի
հանդէպ
մեր
մէջ
զգացածը
վայրկեան
մը
անգամ
չի
կրնար
դադրիլ։
Եղնիկը
շունչն
էր
այդ
խոհանոցին։
-Լաւ,
շատ
լաւ
ըրիր,
որ
եկար։
-Ինչո՞ւ,
Հաւատիս։
Մեղմ
էր
ձայնը,
հակառակ
հոգիին
հանդիսաւոր
պայծառութեան։
Ուրկէ՞
այդ
կէս
տրտում
բանը,
որ
մեզ
կը
տեղաւորէ
մեր
շրջանակէն
դուրս։
Պարմանները
դեռ
լոյծ
մարզեր
ունին
մարմնական՝
ինչպէս
հոգեկան
մարզերու
մէջ։
Մեծերուն
եւ
իրենց
միջեւ
անհասկացողութիւնը
արդիւնք
է
այ
ս
փոխադարձ
անգիտութեան։
Կիսակազմ
այդ
տիեզերքը
ունի
իր
օրէնքները։
Ու
աղջկան
մը
աչքերուն
ճերմակն
անգամ
պիտի
խնդայ,
իր
սիրած
մանչուն
համար։
Անիկա
դիտեց,
նոյն
պայծառութեամբ,
աչքերը
խոհարարին,
ուրկէ
«կրակ
կը
փրթէր»։
Շեղ
այդ
նայուածքը՝
դէպի
սեւամորթը,
հիմա՝
ինչպէս
առաջ։
Որմէ
ետք
բառի,
յօնքի
գօտեմարտը,
զուարճալի՝
հանդիսականին։
-Նորէ՞ն
կռիւ։
-Քիչ
մը
պիտի
կենաս
քովը։
Խոհարարը
կը
դողար
ու
կը
դողար
`
առանց
սեւամորթին
նայելու։
-Որո՞ւ
քովը։
Պարտաւորուեցաւ
հարցնել,
աղջիկը
անտեղեակ
ըլլալով
խոհարարին
մտածումներուն։
-Այս
կնոջ։
-Ինչո՞ւ։
-Չ’ուզեր
մինակ
մնալ։
Ես
գործ
ունիմ
աշխարհ
մը։
Հանըմը
կանչած
է։
Չի
թողուր,
որ
ելլեմ
դուրս։
-Դեռ
չե՞ս
գացած։
-Չի
թողուր։
-Բայց
ինչո՞ւ։
Ու
լայն,
անուշ,
աղուոր
ժպիտը
կը
թուէր
հարցումը
կրկնել
Սողոմին
ալ
մօրը։
Անիկա
մօտեցաւ
գրեթէ
անոր
շունչին
հասողութեանը։
Հագուածքը՝
նոր
ու
նուրբ։
Երրորդ
անգամն
էր,
որ
զգեստ
էր
փոխեր,
այդ
մէկ
օրուան
մէջ
`
մնալով
առանց
զարդի։
Բայց
իր
պարզութեանը
մէջ
այդ
շքեղութի՛ւնը,
որ
կը
շլացնէ։
Սողոմին
մայրը
ձգեր
էր
խո
հ
արարը,
որ
աճապարանքով
նետեց
ինքզինքը
դուրս։
Անոր
ետեւէն
կանչը՝
Սողոմենց
հարսին.
-Մ’երթար,
օղո՛ւլ,
մ’երթար…
Եղնիկը,
աւելի
քան
բարի՝
-Գործ
ունի
անիկա,
մա՛յր,
ձգէ՝
երթայ։
-Ի՞նչ
է
գործը,
աղջիկս։
-
Գո՛րծ։
-
Կ’ըսեն
ու
կ’ըսեն,
ատ
է
ըսածնին։
-Քովդ
եմ
ես։
Ինչո՞ւ
իրար
կ’անցնիս։
Ու
դրաւ
իր
ձեռքը
անոր
ուսին։
Անոր
աչքերէն
«ճերմակը
կը
խնդար»,
ինչպէս
դիտեց
կրկին
չորցած
կնիկը։
Վստահութիւն,
ընտանութիւն,
գեղեցկութիւն,
մարդամօտ
ազնուութիւն,
այն
անորակելի
գոլը,
որ
մեր
ցեղին
հոգիինը
եղաւ
դարերով։
Ըլլար
հարս
մը,
իրենց
թաղէն,
պզտիկուց
մեծցած,
ու
բնութքէն
անվարշամակ։
Ըլլար
աղջիկ
մը
աղբիւրէն
դարձող,
ջուրը
բաշխելու
համար
ուսէն
առած
վար
հսկայ
սափորը,
ու
զովութիւնը
տալու
ատեն
ծարաւ
շրթներուն,
հոգին
ալ
տալով
իբր
նուրբ
հոսում…։
Աւելի՛ն.
Սողոմենց
կինը,
էրկանը
դարձեր
էր
զգայուն,
անտես
այն
հոսումներուն,
որոնք
մեր
բարոյական
անձնաւորութիւնը
կ’արտաբերեն
բառի,
ժպիտի,
գործքի
ծուէններով։
Ընկալչութիւն
մը
կայ,
որ
արգանդէն
դուրս
է
կնոջ
համար
ու
իր
զաւակներուն
յօրինումին
մէջ
երեւան
կու
գայ։
Գեղերուն
խորը
այդ
արտացրումը
զարդով,
ափերով,
արտաքին
փաթաթներով
չի
կոտորակուիր։
Սողոմենց
հարսը
կրցա՞ւ
ըմբռնել
խորունկ
ու
մատղաշ
այն
ուրախութիւնն
ալ,
որ
աղջիկներունն
է,
բացառիկ,
խակ,
միամիտ
ու
խպնոտ՝
այնքան
տարբեր
կիներուն
դէմքը
լարող,
աճեցուն
ու
յարձակիչ
ընող
միւս
թրթռումէն,
ու
խնամքով,
հմտութեամբ
յարդարուած
ալ։
Այդ
րոպէին,
ամէն
ինչ
հաճութիւն
ու
խաղաղութիւն
էր
այդ
աղջկան
վրայ։
Երջանկութիւնը
նմանցուցած
են
շատ
բանի,
նոյնիսկ
հովին,
զոր
չենք
տեսներ,
բայց
կը
չափենք։
Երբ
կ’ողողէ
մեզ,
մեր
հոգեկան
ոլորտէն
փարատելով,
աւելի
ողջը
մեր
անձուկին։
Ո՜վ
գիտէ
քանիերորդ
զգայարանքը
կը
մեղադրէ
այդ
արդիւնքին
համար։
Կայ
անշուշտ
նախասահմանում։
Մահը
հեռուներէն
զգացողները
լեգէոն
կը
կազմեն։
Անիկա,
այդ
աղջկան
գոլին
մէջ
ինքզինքը
զգաց
դուրս
իր
վախէն։
Գեղեցկութեան
եւ
թարմութեան
նշան
է
ասիկա։
Մանուկներու
եւ
աղջիկներու
հետ
մեր
հոգին
ինքնաբերաբար
կը
խաղաղի։
-Աս
ի՜նչ
խաս
մազեր
ունիս։
Իբր
թէ
գեղի
աղջիկտեսի
պատկերի
մը
դէմն
ըլլար։
Իրաւ
ալ,
ուրախութեան
այդ
բեհեզին
մէջ
քոմանտան
փաշային
աղջիկը
գեղեցիկ
էր,
«ամ
ե
նական»
գեղեցկութեամբ,
պարպուած
իր
թրքութենէն,
հայ-քրիստոնեայի
վայել
պարզութեամբ։
Տեսակ
մը
հարսնուկ,
Նոր
Կիրակիի
պատարագին
ղրկուած,
քողը
քամակին,
հաղորդ
առնելու,
օրհնէնք
ճարելու
բեղմնաւորուած
արգանդին,
համբուրելէ
ետքը
պատարագուորէն
Ս.
Աւետարանը
ու
բեմի
ոտքին
ճակատազարդ
քար
խաչը,
դառնալով
էրկանը
տունը,
կեսրոջը
առջեւն
ինկած…։
Գեղացի
կիները
պարմանութեան
տարիքը
ուրիշ
անկիւնէ
չտեսան
երբեք…։
Ի
ն
չպէ՜ս
խոր
յուզո
ւ
մով
անիկա,
Սողոմենց
կինը
իր
հարսը
ձգէր
պիտի
առջին,
նոյն
այդ
Կիրակին,
դէպի
իրենց
տունը,
փողոցը
մտնելէ
ետք
անոր
հրամայելով
կարգով
համբուրել
ձեռքերը
դռնառաջքի
անկարներուն,
որոնք
իրենց
մեղքերը
քաւել
կը
սկսէին
դեռ
այս
աշխարհէն
ու
ատով
աստուածահաճոյ
դարձած,
օրհնէնք
ու
մաղթանք
բաշխելով
Երկնաւորէն
չուրացուած
որովայններուն։
Առաջին
տարին,
մարմնական
պահեցողութեան
հնաւանդ
պատգամը,
որով
նոր
հարսները
անդրանիկ
տաղաւարը
(Ծնունդ
կա
յ
Զատիկ)
մէրանցը
կ’անցընեն,
ամէն
կեսուր
կը
յարգէր
այդ
շրջանին։
Ու
տօն
էր
բոլոր
յարկերուն
տակ,
հարսներու
տարիին,
դասական
սեղանին
շուրջը,
հացով
ու
ձուկով,
հաւանաբար
նմանելու
համար
Աստու
ա
ծորդիին
բացօթեայ
սեղանին,
լիճ
ի
եզերքին,
սովահար
հազարներու
առջեւ,
երբ
հինգ
նկանակը
կ’առատանար
Տեառն
մերոյ
Յիսուսի
Քրիստոսի
հրամանովը,
բանակը
կուշտ
ու
կուռ,
պայթեցնելու
աստիճան
ուռեցնելէ
ետքը,
երկոտասան
սակառ
ալ
կտորուանք
թափելով։
Աւանդութիւն
մը
այդ
հրաշքը
կը
շփոթէր
Նոր
Կիրակիի
մատրան
հրաշքին
հետ։
Գարնան
գեղեցկագոյն
ամիսին
մեր
տաղաւարը
չի
կշտանար
Զատիկով,
այլ
կը
տարածուի
ուրիշ
ալ
Կիրակիներու։
Ու
հացի
հոգէն
դուրս,
կիները
հոգն
ունին
երկինքին։
Գեղերու
մէջ
սեռը
հոգ
չի
կազմեր
`
ըլլալով
արդէն
նախապայմանը
կեանքին։
-Եկան՞։
-Ո՞վ։
Չէ՞ր
գիտեր
այդ
աղջիկը,
թէ
կը
կեղծէր։
Մայրերը
իրենց
զաւակները
պիտի
ընեն
կեդրոնը
տիեզերքին։
Չկրկնեց
սակայն
իր
հարցումը։
Բնազդի
իմաստութիւն
մը
կայ,
որ
անմշակ
միտքերու
մէջ
կը
գործէ
նոյնքան
սուր
եւ
ուղիղ
ճամբաներով։
Գիւղացի
կինը
լռեց,
գլուխը
ձգելով
առջին։
Անիկա
կը
վախնար
անունը
տալ
իր
մանչուն։
-Ինչո՞ւ
չես
պատասխաներ։
Չէ՞ր
լսեր
սա
կինը։
Եւ
սակայն
այդ
աղջկան
ներսէն
ծով
մը
ըսելիք
կարգի
կը
սպասէին
ու
կը
տառապէր,
որ
լուռ
կը
մնար
անոր
դիմացը։
-Ի՞նչ
է
քու
անունդ։
-Սողոմենց
հարս։
-Դուն
հա՞րս
ես
որ…
-Եղեր
եմ…
Ճիտը
ծուռ,
ողորմուկ՝
դէմքէն
ու
ձայնէն։
Ե՞րբ
անոր
մատները
հ
իւսուեր
էին
իրարու
`
կազմելու
համար
տեսակ
մը
ասպանդակ
անոր
ծունկին։
Առանց
քաշուելու,
Եղնիկը
քակեց
այդ
չարագուշակ
հանգոյցը
մատներուն։
Դժբախտութեան
դժուար
կը
վարժուինք,
երբ
դուրս
ենք
անկէ։
Բայց
մէջն
ըլլալէ
յետոյ
անոր
չենք
հաւատար։
Նախապաշարումները
անդրագոյն,
դժնդակ
փորձառութեանց
հրիտակներ
են
ու
ամէն
մէկին
տակ
առնուազն
քանի
մը
հարիւր
ողբերգութիւն
կայ
ծրարուած։
Այնպէս
որ,
սխալ
պիտի
չըլլար
զայն
հոգեկան
սնունդ
անուանել։
Անոր
չհաւատացողները,
ամէնէն
շատ
կը
դարպասեն
անոր։
-Ես
ալ
եղեր
եմ
քու
տարիքիդ։
Իրա՞ւ
կ’ըսէր
սա
աւերակը,
որ
մազ
իսկ
չունէր՝
շէնք-շնորհք
կին
մը
ըլլալ
կրնալու
համար։
Պառաւներուն
դէմ
աղջիկները,
մանկամարդուհիները
չեն
հաւատար
այդ
հրաշքին։
-Ես
հա՞րս
եմ
որ…
-Հարս,
հարսնցու
մէկ
են,
աղուոր
աղջիկս։
-Ձեր
գեղը
աղուոր
աղջիկներ
կան՞
Հ
ա
րցումին
հետ,
անոր
մատները
քշած
էին
քունքերէն
դէպի
ետ
անխնամ
խոպոպները,
երեւան
հանելով
լրիւ
կաղապարը
երեսներուն,
մինչ
աչքերուն
խորը,
ցօղի
պէս,
ճառագայթի
պէս
սրտառուչ
այն
շամանդաղումը,
որ
սեռն
է,
այդքան
անգայտ,
տարօրինակ
ու
փափուկ,
ինչպէս
գիտեն
ատիկա
ընել
կիները,
որոշ
պահերու,
պարէն
առաջ
կամ
վերջը,
դաշնակի
գլխուն
կամ
դէպի
արուն
ձեռք
երկարած
ատեննին։
Ամէն
աղջիկ,
այս
ճամբով
պիտի
սկսի
կինը
իր
խակ
ձեւերէն։
Գեղեցկութիւնը,
ըսել
կ’ուզեմ՝
ատոր
պատրանքը,
հեռու
սնափառութիւն
ըլլալէ,
հոգեկան
սնունդն
է
աղջիկներուն։
Չկայ
հատ
մը
անոնցմէ,
որ
իր
այս
ու
այն
շնորհին
շուքովը
ինքզինքը
աշխարհին
ամէնէն
ցանկալի
արարածը
չընդունի։
Ո՛չ
դրամը,
ո՛չ
փառքը
մօտիկը
չեն
դրուիր
այդ
պատրանքին։
-Ինչո՞ւ
չես
խօսիր։
-Ի՞նչ
խօսիմ։
-Հարցուցի
քեզի.
ձեր
գեղը
կա՞ն
աղուոր
աղջիկներ։
-Կան
հապա՞։
-Շատ,
շա՞տ
աղուոր։
Ու
չէր
զգար,
որ
հարցումին
հետ
հաւաքեր
է
ր
իր
մարմինին
բոլոր
պահծու
զօրութիւնները,
որոնք
կը
կանչուին
կրկէս,
ու
մեզ
կ’ընեն
մենէ
շատ
բարձր։
Պարզուեր՝
հասակը։
Շտկեր՝
յօդուածներուն
իսկ
զսպանակները։
Այսպէս
«լարուած»,
ու
ողողուած
իր
յուզումէն՝
անիկա
մանուկի
մը
պէս
միամիտ
էր
ու
սրտառուչ։
Ու
չէր
գիտեր,
թէ
պատասխանի
չէ,
որ
կը
սպասէր։
Փողի
շատ
ուժգին
աղմուկ
մը,
արձագանգէն
աստիճան
մը
զօրացած՝
ցնցեց
ատոր
անպատրաստ
կինը,
որ
վախի
շատ
յատկանշական
կծկումով
մը
նետուեցաւ
ոտքի։
Անոր
մատները
կը
դողային։
-Ինչո՞ւ
վախցար
այդքան։
-Ի՞նչ
է
ասիկա։
-Չե՞ս
լսած
բնաւ։
-Չէ,
աղջիկս։
Ո
ւ
ամօթ
կար
իր
ձայնին
մէջ։
Բայց
փողը
կը
պոռար,
թուրք
ու
յաղթական։
Տարօրէն
լեղի
էին
անոր
ոլորումները
ու
սիրտ
նեղցնող,
ա՛յնքան՝
որ
առանց
գիտնալու
ձեռքը
տարեր
էր
սիրտին։
-Հիմա
պիտի
երթանք,
այն
ատեն
կը
հասկնաս։
-Ո՞ւր։
-Վեր։
-Վե՞րը
ուր
է։
-Պալատին
մեծ
սրահը։
-Ո՞վ
կայ
հոն։
-Շատ,
շա՜տ
մարդեր։
-Աղանե՞ր,
փաշանե՞ր։
-Աղաներ,
պէյեր,
փաշաներ։
-Իրա՞ւ
կ’ըսես։
-Վախկոտ՝
որքան
ծիծաղելի
սա
հարցումին
դէմ
Եղնիկը
մնաց
լուրջ։
-Ինչո՞ւ
կը
զարմանաս
այդ
աստիճան։
-Ան
չէ
ամա,
հարսնի՞ք
ունիք։
Եղնիկը
քիչիկ
մը
մտմաց.
կը
վարանէր,
բայց
յստակ
վճռականութեամբ
մը՝
-Ատոր
պէս
բան
մը։
-Մեղա՞յ,
մուրս
ի
վրադ,
աղջիկ։
Հայերէն
արտաս
ա
նուած
այս
բանաձեւը
Սողոմենց
կինը
անկարող
եղաւ
հասկնալի
ընծայել
Եղնիկին։
Այս
շփոթումը
թեթեւ
մը
կ’աւելցնէր
խօսակից
աղջկան
զարմանքն
ու
ուրախութիւնը։
Հեռուներէն
թմբուկը,
որ
խոր
տրտմութեամբ
մը
թունդ
հանեց
մօրը
սիրտը։
-Հո՞ս
կու
գայ։
-Ի՞նչը։
-Թմբուկը։
Եղնիկը
յիշեց
հեռաւոր
պարտէզի
մը
հովանոցը,
ուր
քաղաքին
մեծահարուստ
տղաքը
աղջիկ
բերած
կը
խաղցնէին։
Անիկա
կարմրեցաւ։
-Չէ՞
որ
հարսնիք
կայ
կ’ըսեն։
-Մեր
հարսնիքներուն
թմբուկ,
զուռնա
չկան։
-Ի՞նչ
տեսակ
հարսնիք
է
ատիկա։
-Կը
տեսնես։
-Ե՞ս։
-Հարկաւ։
-Սողո՞մը։
-Ան
ալ։
Բայց
թեթեւ
վարանքով,
որ
չվրիպեցաւ
մօրը
թափանցումէն։
Մէկ
զգայնութենէն
միւսը
կ’անցնէր
զարմանալի
արագութեամբ։
-Պիտի
ուշանա՞յ։
-Հիմա
կու
գայ։
-Պոյիդ
մեռնիմ,
իմ
պիւլպի՜ւլ
տղաս։
-Շա՞տ
կը
սիրես։
-Կը
հարցնե՞ն։
Աստուած
ընէ
խըսմէթ,
այն
ատեն
կը
հասկնաս
ի՞նչ
ըսել
է
առջինեկ։
Ու
ցաւած
ակնարկով
մը
չափեց
ան
փ
որ
ձ
աղջիկը։
Սա
մեր
«աստնուորին»
մէջ
կա՞յ
բան,
որ
հաւասար
գայ
մօր
սրտին։
Նայու
ա
ծքին
մեղմ
յանդիմանութիւնը
անցաւ
աղջկան,
որ
խանդաղատանքի
շեշտով
մը
զայն
թեթեւակի
ցնցելով՝
-Գիտե՞ս,
մայր,
այդ
պէյերն
ու
փաշաները
անոր
համար
հաւաքուած
են։
-Որո՞ւ
համար։
-Տղուդ։
-Տղո՜ւս։
Յիսո
ւ
ս
Քրիստոս։
Ի՞նչ
կայ
որ։
Բայց
դեղներ
էր
մոմէն
աւելի։
Խածաւ
անիկա
շրթները։
Խորտուբորտ
դէմքի
կտաւին
ինկեր
էր
անարտայայտ
ապշութիւն։
-Ինչո՞ւ
այդպէս
դեղնեցար։
-Ի՞նչ
գիտնամ
ես,
աղջիկս.
ի՞նչ
գիտեմ
ինչո՛ւ
կը
դեղնին
մայրերը։
Ինքնիրեն։
Անկէ
փախած
էր
ուրիշի
մը
հետ,
քով
ըլլալու
գիտակցութիւնը։
Չէր
անդրադառնար,
որ
կակազեր
էր,
բառերը
կորսնցնելով։
Մազերէն՝
փշաքաղ։
Ուղիղ
սառած՝
իր
պաղը
մինչեւ
աղջիկը
հասցնելու
աստիճան։
Աւելի
քան
արգահատելի,
վասնզի
իր
յուզումին
տիրապետելու
իր
ճիգը
արդէն
սպառած
անոր
մարմինը
կ’ընէր
արմատէն
փրթած
բան
մը։
Եղնիկը
համակուած
անոր
սարսափէն,
ատեն
ու
կարողութիւն
չունէր
սրտապնդող
քանի
մը
բառ
գտնելու։
Գութն
ալ
գիտութիւն
մըն
է
ու
աստիճանաբար
ուսանելի։
Անիկա
տեսեր
էր
անշուշտ,
պալատի
ընդերքներուն,
սրտայոյզ
դրուագները
մարդերու
ցաւին։
Բայց
ծառաներու
երամին
ու
մուրացիկներու
բանակին
հետ
անիկա
կ’արժեցնէր
իր
մեծերուն
փորձառութիւնը։
Նոր
էր,
որ
դէմ
դէմի
կու
գար
անկարող,
անյատակ
տառապանքին
հետ,
անո՛ր՝
որ
փորէն
չ’առներ
իր
վկայաթուղթը։
Թուրքերը
անշուշտ
անցած
են
պարտութեան
ցաւերէն,
բայց
ոչ՝
անոր
վախէն
ու
հետեւանք
հոգեկան
տարրալուծումէն։
Ոտքի
ձայներ,
առատ,
նրբանցքին։
-Կու
գա՞ն
կոր։
-Որո՞նք։
-Ի՞նչ
գիտնամ։
Չկրցաւ
շարունակել։
Մարդերը
հասեր
էին
խոհանոց։
Պարզ՝
բայց
խոր
հաճութեամբ
զինուորներ
էին
ասոնք,
որոնք
կ’առաջնո
ր
դէր
սեւամորթ
պահակը։
Անկնճիռ
ու
միամիտ
անոնց
դէմքին՝
մտերիմ
ու
տիրական
ալ
բան
մը։
Բանակներու
հոգեբանութիւնն
է,
որ
զինուորը
կ’ընէ
այսպէս
ընտանի,
հաւասար,
երբ
առանց
զէնքի
կը
պտըտի
իր
մեծերուն
բնակարանները։
Այդ
ատեն
անիկա
կրնայ
խօսիլ
իր
հրամանատարին,
ինչպէս
պիտի
խօսէր
իր
հօրը։
Սիւլէյման
տասնապետը,
հասակէն
թիզ
մը
վեր
բոլորին
վերեւ,
գլուխը
կը
ճօճէր
ասդին-անդին.
-Ո՞ւր
է
կեավուրը…
Փնտռածը,
խոհարարը,
որուն
կը
բերէր
վերնական
հրաման
պ
ետութեան
զաւակները»
պարտ
ու
պատշաճ
առատութեամբ
հիւրասիրելու։
Փաշաներուն
խոհանոցը
մինակ
մուրացիկներուն
եւ
երգիչներուն
բացուելու
չէր։
Զինուորները,
առանց
հրացանի։
Անոնց
սեւ
տաբատներուն
վրայ
խղդուած
էր
գոյնը
սուիններուն,
որոնք
իրենց
պատեաններուն
մէջ
չեն
արթնցներ
արժանաւոր
սարսափ
մը։
Ուրախ,
պարզ
ժողովուրդ,
սա
մարդերը,
այդ
րոպէին
հեռու
էին
«կտրողներուն»
պատկերէն,
որով
այդ
ձեւերը
զետեղուած
էին
հայ
մա
յ
րերու
ուղեղին,
դարաւոր,
այլապէս
ահաւոր
յօրինումով։
-Հո՛ս
է,
-
ըսաւ
անոնցմէ
մէկը
`
դէմէն
ցոյց
տալով
Սողոմին
մայրը։
Խուժեցին
դէպի
դուռ։
Բայց
սառած
մնացին։
Տեսեր
էին
փաշային
աղջիկը։
Խումբը
դարձաւ
ետ,
մինչ
անոնցմէ
նոյն
այդ
մէկը,
մատը
զարնելով
տախտակին՝
արձակեց
աւանդական
նախ
ա
դասութիւնը՝
-Մէկը
չըլլա՜յ։
Այս
բառերով
միջոց
կը
տրուէր
թրքուհիներուն,
իրենք
զիրենք
ծածկելու
լաչակով
ֆէրաճէով
այրերուն
աչքէն։
Ծիծաղելի
սա
պահուըտո՜ւքը։
Եղնիկը
մնաց
անշարժ։
Զինուորները
ցրուեցան
խոհանոցին
խորշերը։
Անոնց
յաջորդեցին
ուրիշներ,
բայց
փաթթոցաւոր։
Ամէն
հարսնիքի,
հանդէսի,
պատուակալ
ու
անօթի
երա՜մը,
որ
մեծ
քաղաքներու
մէջ
կանոնաւոր
կազմակերպութեամբ
կը
հետապնդէ
հաւաքոյթները
ու
իր
շարքերով
կը
ստուարացնէ
տօնական
պերճանքը,
ժում
մը
փորի
գնով։
Ուրիշ
օրեր
սեւէն
կանչըցած
ու
ճերմկած
իրենց
վերարկուներուն
փոխարէն,
այս
կարգի
մեծ
հանդէսներու,
անոնք
կը
հագնէին
ածուխէն
աւելի
սեւ
ու
փառաւոր
պարեգօտներ,
անթերի
ճերմակով
ալ
փաթթոցը՝
պայման
ու
մուտքի
տոմս։
Այդպէս
զգեստաւոր,
անոնք
կ’երեւային
մեռելի
կամ
հարսնիքի։
Սիւննէթ
ը
անոնց
բարձրագոյն
տօնն
էր։
Հո՞ս։
Անշո՛ւշտ։
Ու
անոնց
երիտասարդ
կամ
գորշ
մօրուքը։
Որ
հասակէն
ու
գոյնէն
անկախաբար,
խռուացող
բան
էր
ըրեր
անոնց
արտայայտութեան
կէս
մասը։
Լուրջ։
Հանդիսաւոր։
Տարօրէն
հաճ։
Այդ
մարդերը,
նայելու,
ժպտելու
ատեն,
առանց
ուզելու
կը
գտնէին
կիսասքող
այն
շշունջը,
որ
բոլոր
թուրքերունն
է
նամազէն
ետք,
մզկիթին
պարպուելու
ատեն։
Լայն,
կլափի
պէս
լայն
աչքերով
անոնք
ժպտեցան
Եղնիկին
–
սեռին
մէջ
թուրքը
ամէնէն
քիչ
տարիք
ունեցողն
է
ժողովուրդներուն–,
զոր
կը
ճանչնային
պզտիկ
հասակէն։
Անոնք
տարին
հեղ
մը
աղօթքի
կու
գային
Ֆերուզէին
ծննդեան
օրը
ու
վարժ
էին
սա
տունին։
Ու
դառն,
ծակող
յօնքերով
չափեցին
Սողոմին
մայրը,
որ
ինքզինքը
դրած
աղջկանը
անդրիին
ետին,
եղեր
էր
յանկարծակի
Գեթսեմանի
պարտէզին
մէջ,
իրենց
ժամուն
վարագոյրէն
կախ
պատկերին
վրայ,
Աւագ
Հինգշաբթիի
գիշեր,
երբ
հրեաները
բիրով
ու
սուրով
խուժեր
էին
ձիթենիի
մը
տակ
աղօթող
Ա
ստուածորդիին
վրայ։
Պատանութեան
պատկերներուն
ճակատագիրն
է
ասիկա։
Մեր
հոգին
կը
մաշի,
բայց
անոր
անդաստառակ
կտաւին
վրայ
փորագրուած,
հիւսուած
սա
նկարները
կը
դիմանան,
տարիքին
հետ
աւելի
պայծառացած։
Ամէն
պատեհութիւն,
դուք
դրէք
գիտական
տարազը,
ամէն
զուգորդութիւն
զանոնք
կը
բերէ
առաջին
փլանի։
-Ո՞ւր
է
կեավուրը…
Եղնիկը
չպատասխանեց։
-Հայտէ,
գոճա-գարը
։
Իբր
թէ
տասը
տարիէ
ի
վեր
ծանօթ
ըլլային։
Եղնիկին
ափը
երկու
անգամ
վրայէ
վրայ
ծեծեց
օդը։
Չէր
նայած
ամբոխին։
Այդ
նշանով
անիկա
կը
հրամայէր
սպասել,
վասնզի
տարուած
էր
ցած
խօսակցութեամբ
մը,
երկայնահասակ
չաւուշի
մը
հետ,
որ
մոլլաներու
երամը
ճեղքելով
մօտեցեր
էր
իրեն։
Մարդոց
ուզա՜ծը։
Հիացիկ,
երջանիկ՝
անոնք
զբաղած
էին
աչովի
ափափել
աղջիկը,
բոլորովին
մոռցած՝
բացումը
կաճառին։
Չաւուշը,
իր
կարգին՝
-Ս
պ
ասեցէք
քիչ
մը։
Խօսակցութիւնը
ի՞նչ
ունէր
շահեկան,
որպէսզի
պարտաւոր
ըլլային
չխորհիլ
կեավուրին,
որուն
ձեռքէն
պիտի
ընդունէին
աւանդական
անուշները,
հանդէսէն
առաջ։
-Եկա՜ւ։
Եկողը՝
խոհարարը։
Գլխահակ,
մռայլ,
անբարեւ՝
ինչպէս
միշտ։
Մոլլաները
կը
ճանչնային
կեավուրին
սա
խոզութիւնը,
բողոքած
ալ
էին
հանըմին,
փաշային,
բայց
ապարդիւն։
Անիկա
մօտեցաւ
Սողոմին
մօրը,
եւ,
առանց
աչքերը
բաժնելու
անոր
բիբերէն՝
-Երթանք
պիտի,
քուրո՛ւկ։
-Ո՞ւր։
-Վեր։
-Ինչո՞ւ։
-Կաթդ
հալալ
պիտի
ըսես։
-Որո՞ւ։
-Տղուդ։
-Եկա՞ծ
է։
-Հիմա
կու
գայ։
Անոր
դէմքին
եղաւ
անորակելի
լքում
ու
խաղաղութիւն։
-Հասկցա՞ր։
-Ի՞նչը։
-Պիտի
ըսես,
որ
կաթդ
կ’ընես
հալալ։
-Որո՞ւ։
-Տղո՛ւդ
ըսի։
Չե՞ս
հասկնար։
-Հասկցայ,
Աւետիս։
Բայց
չէր
հասկցած,
վասնզի
դէմքը
դուրս
էր
պահէն
ու
գաղափարէն։
-Խօսք
տուր,
քուրո՛ւկ։
-Ինչի՞
խօսք
տամ։
-Խօսք
տուր
ինծի,
գլխաւորիդ
հոգուն,
որ
ադ
ժողովքին
առջեւ
կաթդ
հալալ
ըլլայ
պիտի
ըսես
մանչուդ։
-Ինչո՞ւ։
-Այսպէս
է
օրէնքը։
-Ինչի՞ն։
Անիկա
դուրս
էր
ո՛չ
միայն
ինքնիրմէ,
այլեւ՝
ոճիրէն,
բանտէն,
տեւողութենէն,
կախաղանէն
ու
իր
հոս
ինչո՛ւ
գտնուելէն։
Խոհարարը
չկրցաւ
լուսաբանել
այդ
«օրէնքը»։
Անոր
բերանը,
այդ
ուղղութեամբ
դժուար
կը
բացուէր։
Բայց
ճնշումին
տակն
էր
հանըմին,
որ
բախումը
չէզոքացնելու
ճիգին
մէջ,
մօրը
զգացումներուն
կը
դիմէր,
կարճելու
համար
պատրաստուող
դժնդակ
տեսարանը։
Օրէնք
էր,
որ
տղաքը
ուրանային
իրենց
մայրերը։
Բայց
օրէնք
չէր,
որ
մայրերը
հրաժարէին
իրենց
զաւակներէն։
-Ետքէն
գէշ
կու
գայ։
-Ի՞նչը,
Աւետիս։
-Ի՛նչը,
ի՜նչը։
Այսքան
է
իմ
գիտցածս,
քուրո՛ւկ։
Ետքը
չըսաւ
չըսես։
Ու
ցուցամատը
անցուց
ճակատէն։
Գետին
ինկան
քրտինքի
չափ
կաթիլներ։
Խորունկ
շունչ
առաւ։
-Կ’ընես
կաթդ
հալալ։
Ու
լուրջ՝
-Անկէ
ետք,
դուն
մտածելուդ՝
թող
մտմտայ
Լուսաւորիչը,
որ
մեզ
ձգեր
է
սա
անհաւատներուն
կրունկին։
Հակառակ
հայերէն
իր
բառերուն,
սա
խօսակցութեան
ընդհանուր
թոնը
չէր
վրիպած
Եղնիկէն։
Հալալը,
իր
կրկնումով,
բանալին
կու
տար
պարզուող
տագնապին։
Աւետիսին
շեշտը,
կարծրութիւնը,
քրտինքը
նոր
միջոցներ,
այդ
թափանցումին։
Բայց
ամէնէն
աղաղակողը՝
Սողոմենց
հարսին
խորտակուած
նայուածքը։
Ա՛յնքան՝
որ
լացը
կանխելու
համար,
տակաւին
այսքան
հեռուէն,
խոհարարը
պարտաւորուեցաւ
աւելցնել՝
-Պիտի
չլաս,
քուրո՛ւկ։
-Ե՞րբ։
-Երբ
պագնես
տղուդ
ճակատը։
Տեսարանը
շինուեցաւ
անոր
միտքին։
Իր
զաւկին
թագն
ու
պսակը
համբուրող
մայրը
ինչպէ՞ս
պիտի
կապէր
աչքերուն
ակերը։
Տեսնուա՞ծ
բան
էր
սա
քարսրտութիւնը։
Մահուան
ու
ցաւի
վրայ
բացուող
մեր
աչքերը
իրաւո՞ւնքն
ալ
չունէին
ուրախ
արցունքին։
…Անոր
դէմքին
վրայ
փեսահագուստին
երանութիւնը
բաւական
բան
փոխած
ըլլալու
էր,
քանի
որ
խոհարարը
հազով
մը
ամրացուց.
-Իշտէ
այդպէս։
-Ինչպէ՞ս,
Աւետիս,
օղո՛ւլ։
-Նորէն
ուր
ենք
նէ՝
հո՛ն
ենք։
-Հաստ
է
գլխիկս,
մի
նեղուիր։
-Ըսի
քեզի
չլաս
պիտի։
-Ե՞րբ։
-Երբ
բաժնուիս
մանչէդ։
-Երբ
բաժնուիմ
մանչէ՞ս…
Ըսաւ։
Ու
զգաց,
որ
իրաւ
է։
Այս
անդրադարձը
կրակի
պէս
զարկաւ
անոր
ուղեղը։
Անոր
մեղրամոմի
գոյն
այտերուն
մէջ
ըսես
մտած
ըլլար
փուռի
մը
բոցը
ամբողջ։
Ինքնիրեն՝
-Երբ
որ
բաժնուիմ
մանչէ՜ս։
Սուսիկ,
մեռելը
թաղելէն
ետքը,
անյայտ
մայրեր,
ձեռքեր
ծեծելով
իրենց
ծունկերուն՝
տուն
կը
դառնային
գերեզմանի
զառիվարէն
`
եղանակելով
հռչակաւոր
ողբը.
Հէյ
գերեզմեր,
գերեզմեր,
Պախճան
ծաղիկս
է
թոռմեր…
Զաւկէն
զատուող
մայրերուն
Սիրտն
է
դարձեր
ողջ
մերմեր…
որով
մայրերուն
սիրտը
կը
նմանցնէին
ողջ
մարմարի…
-Երբ
որ
զատուիմ
մանչուկէ՜ս…
Ձայնի
տեղ
ջուր
էր
ելած
անոր
բերանէն։
-Ըսի
քեզի
պիտի
չլաս։
-Իմ
ձե՞ռքս
է
ատիկա։
Խիստ
ու
յանդիմանող՝
-Քու
ձեռքդ
է,
քուրո՛ւկ։
Խոհարարը
կ’ըսէր,
բայց
հզօր
ճիգով
մըն
ալ
կը
ճմռէր
քիթը
`
իր
լացը
պարտկելու,
տարտղնելու։
Անիկա
կու
լար
արդէն
իր
ներսէն։
Զգաց
սակայն
անտեղութիւնը
սա
թուլացումին։
Ուժ
գտնելու
համար՝
աչքերը
ժուռ
ածեց
ամբոխին
ու
լուրջ,
կոտրած,
բայց
հաւատաւոր
աւելցուց.
-Աստուծմէ
էւել
մի
գիտնար։
-Տէր
Ամենակալ
Աստուած
Աբրահամու։
Ամչցա՞ւ,
որպէսզի
լռէր
յանկարծահաս
դառնութեամբ։
Յետոյ՝
քիթը
սեղմելով՝
-Հէ՜յ
Կապուտուոր,
դուն
հասիր
ինծի։
Տարաւ
ափը
աչքերուն,
բայց
չսրբեց,
յարգած
ըլլալու
համար
խոհարարին
արգելքը,
այդքան
կանուխէն։
Ծ
ա
նրցեր
էին
կոպերը,
հալած
երկաթի
պէս։
Ու
լոյսը,
շաղին
խաւ
է
ն
անցած
ատենը
արիւնը
կը
թուէր
անոր
բիբերուն։
Փախչելու
համար
այդ
նայուածքին
սպաննող
թախիծէն՝
խոհարարը
աչքը
դարձուց
խուժանին։
Թուրքեր
էին։
Այսինքն՝
մորթուած
գառնուկը
յօշոտելու
պատրաստ
գազաններ։
Այս
հաստատումը
զինքը
ըրաւ
այլուրային
ու
շուար։
Նո՞ր
կը
տեսնէր
սա
մարդերը։
Տեղը
նեղ
զգաց
անիկա։
Գլխով
նշան
ըրաւ
Եղնիկին,
որ
իր
ձեռքը
շարժեց,
ուղղութիւն
ցոյց
տալով։
Մոլլաները
քալեցին։
Անոնց
ետեւէն՝
խոհարարը։
Անոր
ետեւէն՝
կրունկները
հարուածելով
Աւետիսին,
Սողոմենց
կինը։
Որուն
քովիկէն՝
Եղնիկը։
Տասը
քայլ
բացութիւն
մը
կը
բաժնէր
առաջին
խումբը
երկրորդէն։