Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Կանանոցէն դուրս։

Լայն անցք մը։

Որ հատաւ կլոր, ընդարձակ սրահի մը մէջ։ Գմբէթի կորացումով առաստաղը անոր կու տար մզկիթի նկարագիր։ Պայրամներու ու տօնական ուրիշ առիթներու, բարեկամներուն, բարերարեալներուն, սպասորեարին շքախումբովը բոլորուած՝ քոմանտան փաշան այդ սրահին մէջ կը դառնար իր պապերուն հոգիին։

Ծառաներ, սեւ, ճերմակ, մեծ, պզտիկ։ Իւրաքանչիւրը կանխորոշ դռնափեղկին, սիւնին, սեղանին ամրօրէն հաստատուած, ուրախ ու երկիւղած յարգանքի մէջ արձանացած, թափօրին անցքը ընծայելու համար աւելի տպաւորիչ։ Անոնք իրենց ուսերուն կը կրէ ի ն սփածանելի։ Շատերուն ձեռքին ափսէներ։ Ուրիշներ, զոյգ-զոյգ, կոչելով ականաւորներու ականաւորները։ Ուրիշներ կրելով մտրակը, սուրը, գաւազանը աս ու ան աստիճանաւորին։

Ձեղունէն կախ բոլոր ջահերը «լուցավառ», գործածելու համար Տօնացոյց ի բացատրութիւն մը, բազմերանգ խաղեր, պրիսմակներէն, որոնք « ձ իւնասպիտակ» այդ զառիթափերուն կը բուսնէին ու կը մարէին, գեղեցիկ հրախաղութիւն մը ցուցադրելով։ Մեծութիւնը տպաւորիչ էր կամարին։ Ու շռայլ առատութիւնը լոյսին։ Բայց հակառակ սա ճոխութեան լոյսէ, ծաղկամաններէ, աշտարակներէ, պերճանքի բազմազգի առարկաներէ, տեսակ մը սիրտ սեղմող մթութիւն կը թուէր բաբախիլ սա լուռ լուսաւորութեան մէջ, պատերը զարդարող սուրերէն ու թրաձեւ գիրերէն բխող։ Թուրք ներքնատունը, ըսել կ’ուզեմ՝ անոր ոճը թերեւս անճիշդ է գտնել յաւակնիլ սա սրահին մէջ, քանի որ կէս դարէ ասդին աւագանին, հետեւելով Պոլիսին, շատ բան էր առած այդ կամարներուն ներքեւ, արհամարհուած Եւրոպայէն։ Քանի որ գերմանական պայծառ ու պարզապաշտ հիւրանոցներէն ետքը, ուր անցած էին անոր ամէնէն կերպընկալ տարիները, քոմանտան փաշան ալ բաւական մը բան պարզած էր սպառազէն այդ զարդեղէնէն, որով ընդելոյզ էին հին փաշաներու ընդունակութեան սրահները, մորթ ու երկաթ։ Անշուշտ, Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրերա հ աշտ ընծայող գերման հոգեբանութիւնը, երաժշտութիւնը, զօրապաշտութիւնը դեր մը ունէին, պատերէն ք ի չցնելու թրագիր զարդերը, որոնք Գուրան ին այս կամ այն այաթը կը գունախաղեն, բեհեզին ծփանքներէն ու կը սպառնան ապակեայ իրենց բանտէն դուրս խոյանալ բարբարոս ու վիրաւորիչ, որովհետեւ սուր։

Լոյս, բայց «եօթնարփեան» առատութեամբ։

Գերման ու թուրք ոճերուն սա «լուսացնցուղ» եղբայրացումէն բոլորովին անկախ, Սողոմին խեղճ ու պատառ մաման ո՞ր մղձաւանջին թաթովը ինքզինք գտաւ նետուած ժամը իրենց գեղին, էրկանը թաղման հանդիսաւոր պատարագին, երբ եկեղեցիին բոլոր լոյսերը (անջատ կանթեղները, ջահերը, աշտանակները, տիրացուներէ վերցուած մեծղի ու բարձրահասակ մոմերը, ու ժողովուրդին բաշխուելիք թիզնոց, երիզորդ ճճիները) վարձեր էր անիկա, « Ի վերին Երուսաղէմ »ին համար, գեղին է՛ն հարուստներուն հաւասար լոյս ուզելով եւ ընելով էրկանը արդար հանգիստին։ Այդ լոյսի մեծ հրդեհը անջինջ արշալոյս էր անոր գիշերին վրայ ու ապահովութիւն մը։ Կար ժամանակ, երբ մեռնիլը հիմակուան պէս անսփոփ տրտմութիւն, գորշ ողբերգութիւն կամ ժառանգէն մագնիսահար խուլ սպասում մը, ցանկայարոյց աղտոտութիւն մը չէր, այլ՝ անկնճիռ խաղաղութիւն, հանգի՜ստ՝ Տիրոջը լոյսին մէջ մտնելու բացարձակ վստահութիւն, ինչպէս կը պոռային վիմաբարբառ գեղերու գերեզմանները, պատմելով երկու տողի մէջ ուղն ու ծուծը աշխարհին, ու հանելով դասը մեր կեանքին, որ պիտի շիջի՝ ինչպէս կայծը, պիտի սմքի՝ ինչպէս խոտին շիւղը, բայց պիտի վերափթթի՝ «անմար ու անթարշամ ի ծոցն յաւիտենից»։ Ե ր ան ե լի օրե՜ր, երբ գերեզմանը սարսափ մը չէր, այլ՝ սրբութիւն, ծարաւ, կարօտ, դո՛ւռը՝ «անվախճան կենաց»։ …Սողոմին մօրը աչքին՝ դագաղին երկարած դէմքը «գլխաւորին», խնկագոյն, լոյսէն պարզուած ու անհունօրէն բարի։

Արթնցաւ սակայն տեսիլքէն, վասնզի՝

Կը մտնէին «աղաներ, պէյեր, փաշաներ»։

Մեծ մասը ոսկի զգեստներով, կուրծքի տեղ մետաքս ու մ ե տայ։ Անոնց տաբա տ ները երեք մատ լայնքով արիւնեգոյն երիզներ կը զարդարէին զիստերն ի վար։ Համազգեստը, զինուորականը, քիչ ժողովուրդ կը վայլեցնէ այս հարազատութեամբ։ Թուրքին իմացականութիւնը հոդ կը թանձրանայ։

Ուրիշներ, բայց տարբեր զգեստաւորումով։

Անոնք կը թուէին կեցուցած ըլլալ իրենց մարմինները սեւ պարկերու մէջ, առանց ոտքի ու ձեռքի, քանի որ քղանցքը կը ծածկէր անոնց կօշիկները, բոլորն ալ լապճին 1, հսկայական թեզանները կը հալեցնէին անոնց ձեռքերը, կողերու երկայնքին։ Փաթթոցներ՝ գոյն-գոյն։ Դեղինը՝ ճերմակով խառնուած։ Ճերմակը, բայց մա՛նաւանդ կանանչը, մողէսի կռնակի երանգէն։ Այդ կանանչը կը ցոլար դէմքերուն ալ տժգունութեան, ասոնց վրայ շաղալով խուլ դաժանութիւն։ Էջեր չեն բաւեր ` տալու համար զգաստ անասնութիւնը այդ դէմքերուն, ուր մօրուքը աշխ, ու նայուածքը աւա զ ունէր այդ օրերուն։

Ի զուր անոր աչքերը փնտռեցին Եղնիկը։ Անիկա չկրցաւ տեսնել նաեւ անոր մայրը։ Այրերէ կազմուած սա հաւաքոյթին կը պակսէր կինը, հակառակ անոր, որ սաւանով ձեւեր ալ խառնուած էին այդ ոսկեհուռ խուժանին։ Պառաւներուն կորաքամակները, ջնջուած զգեստները կը խղդուէին շրջապատի մեծ ոճէ արդուզարդին մէջ։ Կ’անջատուէին, իրենց մաշած, բայց յաւակնոտ արտաքինով, ոստիկանները, որոնց դէմքին լուրջ, կարծր, սափրուած լրբութիւնը Սողոմենց մօրը ծուծին թափանցեց։ Այդ մարդոց պատկերին հետ ով գիտէ ի՜նչ դարաւոր սարսափ սատափուած է մեր կիներու ուղեղին։ …Ու սեւամորթ պառաւներ, որոնց գլուխներէն բաց էր թողուած մազ ու մաս մըն ալ կաշի, ճմուռ-ճմուռ, գիծ-գիծ, այտերուն տեղը խոց ու խեփոր, քիթին տակովն ալ ճերմկած պեխ։ Հեքիաթին գոռելնե՜րը։ Սողոմենց կինը կ’անգիտանար ուժը սա աստուածահաճոյ տեսարանին, որուն վայելումին համար այդ տարիքին կոտրտուած մէջքերը՝ սանկ ու նանկ իրենց ոսկորները մէկտեղած՝ վազեր էին հիացմամբ սա յաղթանակին։

Ու, առատ, յաղթական սա թրքութիւնը հաւասար յուզումով բաբախումի կը հանէր Ֆաուսթ ծափահարած փաշաները, ինչպէս երեք քառորդ դար, նամազէն զատ աշխարհէն ուրիշ վայելք չճանչցած սա պառաւութիւնները։

Հարկ կա՞յ վերլուծելու խորագոյն այն հեշտանքը, որ թելադրիչն էր սա հանդիսութեան, առաւելապէս քոմանտան փաշային վայելքին համար։ Հակառակ կնոջը թախանձող ընդդիմութեան՝ անիկա սարքած էր այս «հարսնիքը», որ թլփատութեան մեծադղորդ խրախճանքներուն նախահամը կը վերադարձնէր ամբոխին երեւակայութեան։ Այդ տիտղոսաւոր փաշաներն ու պէյերը ամէնքն ալ անցած էին թլփատողին ածելիէն։ Ու նստեր ոսկեդրուագ թամբով երիվարներու քամակին, պտըտցնելով խուռներամ փողոցներէն իրենց սրբազան վէրքը, մինչ իրենց ֆէսերուն ծոպէն հարսնեւորի թելեր կը թափթփէին իրենց փոքրիկ մարմիններուն…։ Թլփատութեան հարսնիքները տղոց երեւակայութիւնը զարնող առաջին պատկերն են, երբ հարուստի մը մանչուն քովերէն յիսունով, հարիւրով ուրիշներ, այս անգամ աղքատիկ, կ’արժանանան սուրբ նահատակութեան։ Թուրքերը դժուար կը զատուին արիւն հոտող արարմունքներէ։

Քոմանտան փաշային քովէն, ուրիշ մը, անշուշտ ան ալ փաշա։ Որուն փորը ունէր աւելի համեստ տրամագիծ, քանի որ քամակի կամարին հակառակ հաշտ իր իրանին՝ չէր հեւար։ Ու ասիկա մեծ առաւելութի՜ւն։ Կուսակալը։

Իրենց գահոյքները իրարու մեծարելէն։

Գորգապատ, բարձրադիր այդ աթոռները մանրանկար գահե՛ր։ Երրորդը յատկացուած դենպետին։

Հաւանաբար յոգնած սա սողոսկուն ու անվախճան թեւամարզանքէն՝ երեք աւագները բարեհաճեցան իրենց ոսկեզօծ բեռները զետեղել այդ գահոյքներուն խորը։ Ատեն էր, վասնզի քոմանտան փաշային շնչառութիւնը շչուն կը դառնար, ու հազը՝ մօտ։ Երկու վայրկեան հանգիստէ յետոյ միայն անիկա ձայն գ տաւ՝ շուրջինները նստելու հրաւիրելու։

-Հրամեցէք, պէյեր, էֆէնտիներ…

Այն ատեն անոնց քովերն ի վեր աթոռներու յարգալիր, թեթեւ աղմուկը երկարեց ու լռելէ առաջ բոլ ո րովին, խղդուեցաւ փողի մը առանձնակի զարկին մէջ։ Մութին մէջէն միակտուր այդ որոտը տպաւորիչ էր խորապէս, վասնզի դէմքերը լարուեցան րոպէաբար։ Հրամա՞ն մը, թէ հաղորդում մը։ Թուրքերը կը հասկնան փողերուն լեզուն։ Մինչ այդ բազմութեան ստուար մասը տեղաւորուած էր։ Ոտքի, քիչիկ մը տարեց դիւանադպիրները, կամարուկ կռնակով, հանգստեան կանչուած, որոնք կերակուրին ու անուշին համին հետ կտոր մըն ալ կրօնական զմայլում կը հաշուէ ի ն քաղելիք սա գիշերէն։

Ու խորունկ լրջութիւն։

Ու խորունկ լռութիւն։

Հիմա, այս տողերը կարդացողները թերեւս շատ գտնեն սա մթնոլորտը, տաճկըցող հայու մը առիթով։ Բայց անոնք դառնալու են ետ։ Թուրքին այդ հոգեբանութեան։ Թուրքերը, կրօնական գետնի վրայ, քաղաքական հաշիւ գտնելէ առաջ, գոհացում կը գտնէին աւելի ուշ, խոր, միամիտ բնազդներու։ Խղճմտանքին գերութիւնը սկիզբն է իմաստութեան ո՛չ միայն Տոստոեւսկիի գործին, այլ մա՛նաւանդ միջին ու վեր դասակարգին մէջ։ Անոնց խալիֆան լրումն էր այս տիեզերքին։ Պարտաւոր էր ականջ տալ ծերուկ աղօթողի մը բերնին ու պատգամին.

Մի գոռգոռար թագաւո՛ր, քեզմէ բարձր Աստուած կայ փակաչք արտասանուած, ու լսելի սէլամլըգի արարողութեան բոլոր հանդիսատեսներէն։ Ասիկա ցուցամոլ ստրկութիւն մը չէ։ Կրօնքը, արիւնը, սերմը, սպանդը միատարր փլազման կը կազմեն անոնց հոգիին։ Տարէք այս հաստատումը իր բնական հետեւանքներուն։ Տաճկընալը մաս առնելն է այդ հոգիէն։ Ու դուք գիտէք, թէ ամէն տաճկըցողի առջեւ բաց էին փառքին եւ իշխանութեան բոլոր պողոտաները։ Միայն վա՜յ՝ դիւրաբեկ սրունքներուն։

Կրօնական արարողութեանց ատեն ճարուած սա երկիւղածութիւնը հանգիտօրէն կը տարածուի աշխարհիկ ալ հանդիսութեանց։ Մեծ մզկիթներու մեծ սպասարկուներէն կազմուած սա կաճառին մէջ, քիչիկ մը ծիծաղելի, տակաւին, համեստութիւնը ուրիշներու, քարտուղարիկներ, հակառակ իրենց տարիքներուն, բարձրացման չարժանացած, միւէզզիններ, մզկիթ չունեցող, որոնք քաղցր իրենց ձայները կու տային վարէն, քաղաքին աղքատիկ մինարէներուն, փոր մը հացի գնով. տասնապետներ, ճերմկած պեխերով, շատոնց հեռացած գործօն ծառայութենէն, բայց չփախցնող ոչ մէկ հանդիսանք փաշաներու պալատներէն։ Բոլորն ալ հաւաքուած՝ ձեւէ ու շարժումէ արձանացող պատկառանքի մէջ։ Ու բոլորին ալ դէմքին սպասման անհանդարտ բաբախումը։

-Կու գայ կոր…

-Կու գայ կոր…

Իրարու։ Շշունջ։ Գլուխներու միահամուռ ծփանքը։ Հազիւ հունչը աթոռներուն։

Չորս զինուորներու մէջէն՝ Սողոմենց Սողոմը։

Լոյսին առատութի՞ւնն էր պատճառ, որպէսզի, հեռուէն իսկ, մտնող խոր դալկութիւնը դառնար այնքան ուշագրաւ։ Գ եղեցկութիւնը կիներու վրայ դադարի պայմաններով կը տպաւորէ։ Արուին վրայ անիկա շարժումը կ’օգտագործէ։

Համաչափ, նրբացած անոր մարմինը ստացած կը թուէր տեսակ մը տրտում շնորհ։ Առանց ոճիրի ամպհովանիին այդ երիտասարդը թա ք ուն ձգողութիւն մը ունէր արդէն, լրջութեանը՝ որքան ա ն բացատրելի հովի մը նպաստովը։ Մարդիկ իրենց մագնիսականութիւնը իրենց հետ կը բերեն, ինչպէս իրենց գոյնը։

-Մաշալլա՜հ… մաշալլա՜հ…

Կիսահագագ այս բացագանչութի՜ւնը։

-Թի՛ւ, թի՛ւ, թի՛ւ…

Ըսին պառաւները, թուքի թեթեւ շարժում մը ուրուագրելով իրենց ձախ կողմին, չար աչքէ պահպանելու համար վայելչակազմ երիտասարդը։

Գլխահակ, անձկոտ, նայիլ վախնալով՝ տղան կ’առաջանար, հանդարտ քալելու սքողուն ճիգի մը մէջ, որ աւելցած էր անոր դէմքին իբր թախիծ ու դալկութիւն։

-Մաշալլա՜հ…

-Սողո՜մ…

Սուր, արի, անակնկալ՝ որքան սրտակեղեք։

Մարդիկ նո՞ր տեսան ջնջուած այդ ձեւը, որ մէկէն նետուեցաւ փլանի, թեւատարած, ոտքերը վեր գետինէն, տղուն թռելու տագնապէն թօթուելով ափերը ու պոռալով խելայեղ, սուր ու սրտակեղեք.

-Սողո՜մ…

Երկու բազուկներ զինքը բռնեցին։

-Ո՞ւր։

Սիւլէյման տասնապետն էր, յունօ-թրքական վերջին պատերազմը (1897) ներկայացնող վիմատիպ պատկերէ մը վերցուած աչքերով։ Որ, հոս, առանց դանակի, պարզ նայուածքին ահովը բաւ էր արիւնը սառեցնելով անոր երակներուն։ Թուրքը վայրենի այդ ահը ցեղային գոլի մը պէս կը պտըտցնէ իրեն հետ ամէն րոպէ, Եւրոպացիները այդ գոլին զգայութիւնը չունին ա՛լ՝ ռուսական գլանին յայտնութենէն ետքը։

-Սողո՜մ, Սողո՜մ, տղա՛ս։

Մատ մը մնացած այդ մարմինէն, ճիչի սա ուժգնութի՜ւնը, որ չափազանց անախորժ, գրեթէ պատռտող բան մը անցուց բոլորին ալ ջիղերէն։ Այդ խլխլեակը ուրկէ՜ կը ճարէր զօրութիւնը, թօթուելու չափ զինքը կաշկանդող ձեռքերը։

Բայց աւելի անակնկալը տղուն դադարը՝ յանկարծակի։ Ըսես քար կտրեր։ Մնաց անշարժ, ոտք փոխելու անկարող։ Նոյն ատեն ամէնքը դիտեցին անհուն դալկութիւնը ճակտէն ու երեսներէն։ Զինքը առաջնորդող խումբին տասնապետը հրամայեց.

-Քալէ՛։

Տղան, ոտքերէն, փակեր էր գետինին։

-Քալէ՛։

Որո՞ւ կ’ըսէր այդ անոպայ կենդանին, որ երկու տարեկանին կորսնցուցած էր մայրը, ու մեծցած հօրը միւս կիներուն թիւով տասներկու, յաջորդաբար խուլ ատելութեան մէջ, կ’անգիտանար զգացումը մայր մը տղուն կապող։ Անիկա, իր տառապանքներուն իբր կտակ, կ’ատէր բոլոր մայրերը, բայց դնելով այդ զգացումին մէջ բացառիկ ալ երես մը, վրէժ լուծելու ինքնատիպ եղանակ, հետապնդելով, երբ արձակուրդով գեղ դառնար քաղաքէն, հօրը վերջին կինը, քսանամենի, անուշիկ ու տրտում պարման, բաւական ալ մօրէն ազգական, դրամի ճամբով ու մեղքի ճամբով քշուած դէպի կիսադարեան սա անկողինը ունեւոր ու յայրատ հաճիին։

-Սողո՜մ, Սողո՜մ…

Հետզհետէ աւելի ուժգին, ինքզինքը պատռտելով, ինչպէս կ’ընէր ատիկա իր գեղը, իր կռիւներուն ատենը, փրփրած, յաղթական, անդիմադրելի։ Անոր ձայնը խոշոր խռովք մը ստեղծեց բոլոր աթոռներէն։ Մէկը պոռաց.

-Դո՛ւրս հանեցէք։

Բուսաւ խոհարարը։

Շրթները խածած, զսպելու համար արցունքը, առանց նայելու տասնապետին երեսին, քակեց անոր ձեռքերը կնոջ դաստակներէն։ Կ’ընէր տիրաբար։ Ճակտին գիծերը անդադար աւրելով, շինելով ու լսելով։

-Հաւատի՛ս, կտրէ ձայնը, - քոմանտան փաշային խղդուկ կոկորդէն։

Ամբոխը, շշունջով, չկրնալով ինքզինքը տեղաւորել իր զգացումներուն տեսակին մէջ, տղէն մօրը, մօրմէն տղան աչք փոխելով, անորակելի ջղայնութեան մը մէջ։

-Քաշէ՛ ձայնդ, կ’ըսեմ քեզի։

Հայուն ներկայութիւնը ազդե՞ց բաւարար չափով, որպէսզի Սողոմենց կինը անուշնար մէկէն։

-Մի պոռար, քուրո՛ւկ։

-Թուրքերէ՛ն, թուրքերէ՜ն, - միջամտեց հանրածանօթ միւսթանթիգ էֆէնտին, որ նոյնիսկ դատարանէն դուրս մարդն էր իր պարտականութեան ու կը հսկէր օրէնքին։

-Հայ ե րէն չե՛նք ուզեր, - մռլտացին քարտուղարիկներն ու մոլլաները, սպառնագին ուռենալով իրենց սմքած անձերուն մէջէն։

-Չե՛նք ուզեր, չե՛նք ուզեր։

- Գա՛հր օլսուն 2

Գրեթէ բոլոր բերաններէն։

Ե ՞րբ ատեն կը գտնեն բառերը, այսքան սուղ րոպէներու մէջ այսքան հոծ ատելութիւն, թոյն ամբարելու։

Հայհոյանք, սպառնալիք, բացագանչութիւն։ Աչքերը դուրս՝ պոռթկալու չափ իրենց խեփորներէն։

Քոմանտան փաշային թեւացի պարզ շարժումը բաւ եղաւ սակայն՝ կասեցնելու այս տարերային պոռթկումը։

-Ձգեցէք խոհարարին։

Խոհարարը, հեռու, ու վեր՝ այդ ծփանուտ յուզումէն, իբր թէ չըլլար նշմարած կաթիլ մը իսկ բան.

-Չպոռաս, քուրո՛ւկ, ամօթ է։

-Սողո՜մս։

Բայց մեղմ, կոտրած։

-Վրանիս չխնդացնես, քուրո՛ւկս, չըլլայ որ լաս…

-Սողո՜մս…

Շուարա՜ծ, գրեթէ ապուշ, բայց բոլորովին ցած։

Չգիտնալով՝ ուր, որու նայիլ ու ինչ ըսել։ Նման մանուկին, որուն թուշերը կ’ուռին, մտապատկերին ձգողութեամբը, արցունքէն առաջ։

-Չլաս պիտի, խօսք տուիր։

-Տղա՜ս։

Ջուրը կաթիլներու պէս ինկող։

-Անհաւատները մի խնդացներ, քուրո՛ւկս, ազիզ մեռելիդ հոգուն։

-Տղա՜ս։

Բայց սեղմած՝ ակռաները, ճիշդ ինչպէս ըրեր էր էրիկը դագաղ դնելէ ետքը, պլլուելով իր մանչուն վիզին…։ Ան հետզհետէ իջաւ ձայնէն, ա՛յնքան՝ որ շրթներէն դուրս մղուածը հազիւ շունչ էր, քան թէ յօդաւոր, իմաստով հնչում։ Բաց էին սակայն թեւերը, լրիւ, ինք կը կարծէր անսահման՝ առնելու համար անոնց մէջ հասակը մանչուն, որ, քակուած ոտքերուն սառոյցէն՝ կը մօտենար մեղմ, մինչ բոլոր գլուխները երկնցեր էին անոր ետեւէն։

Դէպի գահո՜յքը։ Հարկա՛ւ։

Մայրն ալ, խոհարարէն ղեկավար։

Մեծ ջահին ճերմկած պայծառութեան տակ թուրք աւագանին տեսաւ վերջապէս աղբերային քրտինքը, որ կը պտղէր տղուն ճակատէն, կը սուզուէր երեսներուն, հատիկ-հատիկ կաթելու համար դունչէն։ Սողոմը չըրաւ շարժում մը այդ ջուրը սրբելու։ Դեղին, շատ դեղին այդ մորթին վրայ սա կաթիլները ինչո՞ւ արգահատանք չէին շարժեր ամբոխին մէջ։

Սեւ տղեկ մը, տարօրէն ճերմակ աչքերով, երկու գաւաթ ջուր ափսէի մը, չէր գիտեր որ ո՜ւ երկարել։

-Ո՞վ է ղրկողը։

Հարցուց սուճիզատէ Սագի պէյը, իր մօտ նստողին, բայց բաւական բարձր, որպէսզի խնդային շուրջինները։ Հանրահռչա՜կ մարդը։ Տարիքէն կոխուած, զոյգ հաճիով ճեննէթէն իր պալատիկը ապահոված, դեռ կը մնար հաւատարիմ իր հզօրագոյն զգացումին։ Ամբողջ 60 տարի անիկա մեծագարութիւնն ունէր բարիքին, խայրին, բայց ջուրի ձեւով։ Բոլոր մզկիթներուն աղբիւրները, իրենց պաշտօնական սպասէն դուրս, անվրէպ հոգածութիւնը կը վայելէին մեծ բարեպաշտին, որ անձնական ծախքովը կը նորոգէր հետզհետէ յաճախակի տարտղնուած խեցի խողովակները աղբիւրներուն, Արեւելքի մէջ կրօնական կառոյցներ, աղօթողին համար անհրաժեշտ, լուացումին պայմանէն եւ որոնց փողրակին շղթայուած ամանները թասեր տարուէ տարի կը կլայէր ` թռցուածներուն տեղ նորեր գնելով։ Ո՞ր մեղքին թողութիւնը կը հետապնդուէր աս անխոնջ բարերարումով։ Հարցուցէք ու անցէք։

Սեւ տղեկը քանի մը հեղ դարձաւ իր կրունկներուն վրայ, սպասեց մօտեցողի մը։ Ոչ ոք՝ որ զբաղէր իրմով։ Շատ պզտիկ անոր տարիքը վախին մէջն էր կոտրտող գաւաթներուն, որոնք կարծես կը հասկնային որբերուն անպաշտպան կռնակը, թաթիկները ու յիմար էին ցատկելու ափսէներէն դուրս, գլորելու համար գետին։ Անզգոյշ այդ տ ղ աքը որքա՜ն անխնայ կերած են ծեծը։ …Անիկա շունչը բռնած՝ կռնակը ամրօրէն տեղաւորեց պատին։ Ջուրը գաւաթներէն իջած էր կէսին, այնքան դող կար անոր դաստակներուն։ Ու զանգուածը խուլ լռութեամբ կը հետեւէր մօտեցող տեսարանին։

Ու մայրն ու տղան եղան դէմ դէմի։

Չինկաւ անիկա մօրը բազուկներուն, ինչպէս կը սպասէր ատոր Սողոմենց կինը, գիտնալով պատճառը իր յոյսին։ Այլ կեցաւ դէմը, մէկ անգամ միայն նայելով անոր աչքերուն։ Անբացատրելի դառնութեամբ անիկա փախցուցեր էր նայուածքը։ Վա՞խ։ Խի՞պ։ Աւելի խոր ու անգիտակից ուրիշ վրդովո՞ւմ մը։ Պիտի չգիտնանք ճիշդ տարազել բաներ, որոնք այսքան բացառիկ պահերու կը գծուին մեր միտքի հորիզոններուն ու կը մարին փայլակի նման, մէկ-երկու ծուփով։ Ու անոնց հետախաղաղ կորուստէն տարիներ ետքն ալ հարցնենք պիտի մենք մեզի, թէ ինչպէս, օրինակի մը համար, մեր ձեռքերը քաշեցինք մեզի, ձեռքերէն անո՜ր, որ կը զատուէր մեզմէ, անվերադարձ, ու պիտի զարմանանք։

Ինքն ալ չինկաւ անոր բազուկներուն, ինչպէս շինուեր էր մտապատկերը սա հանդիպումին, երբ խոհարարին սենեակը, փաշային կնոջմէն կը ջանար հասկնալ իրական իմաստը իրմէ ուզուածին։ Բայց անծանօթ սպասում մը վերցուած կը պահէր անոնց բազուկները։ Չուզեց հաւատալ աչքերուն, որոնք անոր հասակը կ’ընէին երկարած, բարակցած, բայց կուրծքէն ալ կը հանէին խրոխտ առնութիւն ու հասունութիւն։ Ու շ ագրաւ էր սակա յ ն տղուն դէմքին վրայ լուրջ տրտմութիւնը, դալուկով օծուած։

Այս շուարումը ընդհատուեցաւ հսկայ աղմուկէ մը։ Պալատը ներսէն ու դուրսէն դղրդեր էր։

Որքան առատ սա փողերը, որպէսզի մէկէն անոնց հեղուկովը լեցուն դառնային սրահը, հեռուի պարտէզները։ Գալարուտ, սուր, լայն, չար կամ թաւ, այդ օդային հեղեղը բան մը կը պատմէ՞ր երկինքներուն, որպէսզի աթոռները սառէին ու միջոցը անձկանար, տաճկընար, անբացատրելի յոյզի մը ընդմէջէն։ Սողոմին մայրը զգաց ատիկա։ Ու զգաց տղուն ալ հաշուոյն, որուն տեսիլքը կ’ըլլայ ասիկա այլայլումի մեր զգայութիւններուն, որով մեր դէմի պատկերները ձեւն ու գոյնը կ’առնեն մեր խորագոյն ըղձանքներուն յանկարծական հրաշքով մը փոխադրուած կարծեց իրենց տունը, Կիրակի իրիկուն, փեսահագուստի արարողութեան մը մէջ, երբ շարը տղուն ճիտին կապելէ ետքը, կը ծռէր անոր պսակուած, թագաւոր ճակատը համբուրելու…։ Այսպէս են երազեր մայրերը, իրենց մանչերը օրրանին մէջ օրրած օրերէն…

Որքա՞ն տեւեց ձայներու այս կարկուտը. ին ք կը զատէր ահարկու թմբուկը, ինչպէս հարսնիքներուն կ’ըլլար ատիկա անոր ականջներէն դէպի խորերը հոգիին։

Երբ դարձաւ ինքը ետին, առջին գտաւ հսկայական ձեւ մը։

Շէյխ Սապիթը։

Հանդարտ, վեհափառ, տժգոյն, կէս կանանչ, համրիչը հատ-հատ քաշելէն։

Կիսահակ մէջքի մնայուն խոցտուկի մը նուէր սա կեցուածքը կը վայելէր հսկային դէմքին թրքութիւնը, քիչ մը աւելի մօտեցնելով, բանալով։ Ազատ ձեռքը փորին վրայ կը հաւաքէր ծալքերը կանանչ իր վերարկուին։

Ծանր, միշտ վեհափառ, կանանչ ու դեղին, Սողոմէն աւելի։

Ու, թթո՜ւ։ Ժողովուրդը կ’ըսէ՝ քացախ։ Ու տարտամ է բառը՝ տ ալու համար մասեր այդ դէմքերուն։

Շրթները, ով գիտէ ո՛ր նուիրական այաթը աղալու գործով, կը թուէին ճերմկիլ ու սմքիլ։ Տեսակ մը ուռեցուորո՛ւմ, կոպերէն ու մօրուքէ զերծ միսերէն՝ այդ թթու արտայայտութիւնը կ’ընէր տարօրէն անգութ։ Անոր ալ ճակտի գիծերուն բարակ ջուր։ Տղուն կուշտին, լման գլուխ մը վեր էր անոր հասակը երիտասարդէն։

Ու շրջելով ճերմակը իր աչքերուն աջ ու ձախ, ահարկու մարդը բարձր ձայնը, որուն մէջ դող ու յոգնութիւն իրար կու գային, արտասանեց քարոզի շեշտով՝

-Օղլո՜ւմ, Սիւլէյման…

Կարիճէ խայթուող մը ուրիշ կերպ ոստում մ ը չընէր պիտի, ինչպէս ըրաւ Սողոմը այդ ձայնին մահակին ներքեւ։ Ե՞րբ էր հասեր իր գլխուն։ Ինչո՞ւ չէր տեսներ։ Անոնց նայուածքները իրարու հանդիպեցան։ Ու, առանց որ մէկը բանար վարագոյրը մօտիկ անցեալին, տեսան երկուքն ալ եղերական գիշերը, որուն մէջ սա մարդուն մատերէն երկու երիտասարդ մահ էին գտեր։

Ակնթարթի մէջ, Սողոմէն փախաւ կտոր մը արիւնն ալ։ Ու անոր գոյնը մօտիկ էր պատանքին։

-Քեզի կ’ըսեմ, Սիւլէյման, օղլո՛ւմ…

Թո՜ւրքը, սա օղլումին մէջ, բայց տիրական ու կատարեալ. թերեւս անկեղծ ալ։ Այդ ժողովուրդը հայրերը մորթելէ ետքը այդ կոչականով կը ժողվէր անոնց տղաքը փողոցներէն։

Սողոմը չկրցաւ նայիլ, սարսուռէն։ Ու կը տառապէր, այդ դողը արգիլել չկրնալուն։

- Սելավաթ 3 կ’ուզենք։

Թշուառական մոլլաներէն սա պահա՜նջքը, որ յաղթեց հանդէսին ու լռութիւն հարկադրեց շէյխերուն շէյխին։

-Կատարուած է։

Միջամտեց հարցաքննիչ դատաւորը։

Ու ամբոխը շունչ առաւ։

-Ահա մայրդ, Սիւլէյման, օղլո՛ւմ…

Ու սարսռագին լռութեան մէջ ատոր մեծ մատը սեւեռեց ապշահար կինը, որ լեզուէն կապ, բայց շրթներէն թիզ մը բաց, կը նայէր ահարկու գազանին ու չէր հասկնար։

-Ուրացիր անիկա։

Աւելի խիստ ու բարձր՝

-Ուրացի՛ր անիկա։

Շչուն արտաշնչումով։

Ու կեցաւ։

Ամուր, համրիչին հատիկը կլորակ իր ձայնովը, կարծես չափը կու տար բոլորին սպասումին։ Ու գերման հոգեբանութեամբ կազմուած փաշաները, թշուառական սոֆթայէ մը աւելի թուրք, իրենց շունչը բռնած, կը հետեւէին անոր բառերուն արձագանգին, խորունկ, կարճ, տափաստանեան լայնութեամբ մը ողողուած։

-Ուրացիր անիկա։

Սղոցի մը պէս հաստ ու քսքսուն։

Կեցաւ, շունչը ուժգին առնելով, մինչ համրիչէն սատափ կայլակ մը, խոնաւ անկումով, փշրուեցաւ մինչեւ հեռուները կարծես։

Պաշտօնական երրորդումն էր ասիկա տարազին։

Որմէ յետոյ տղուն լռութիւնը մէկէն ի մէկ դարձաւ անակնկալ՝ որքան անհունօրէն խռովիչ։

Անիկա շրթներովը մօտ քառորդ վայրկեան բան մը կը թուէր արտասանել։ Դէմքին պուտ մը արիւն չմնաց։ Ու ճակտին գիծերէն ջուրեր քալեցին։ Յետոյ՝ հսկայ իր ափովը երեք անգամ հովանաւորեց անդիմադրելի յօրանջ մը, որուն կախարդական ծագումը դուրս էր կասկածէ մինչեւ անգամ քոմանտան փաշային համար։ Ու անոր աչքերը ողողուեցան նոյն ջուրով, որ կը բուսնէր ճակտին ակօսներէն։

-Հէ՜յ, մարդու որդի, - կ’ըսեմ քեզի վերջին անգամ ըլլալով, չո՛րս բաց ականջներդ։

Բառերուն հետ ուժգնակի թօթուեր էր տղան, որ չվերցուց աչքերը, դողաց անոր թեւին դողովը, խածաւ շրթները, ջիլ-ջիլ պրկեց իր դէմքին մկանները, բայց չբացաւ բերանը։

-Սիւպհա՜ն Ալլահ… սիւպհա՜ն Ալլահ սիւպհա՜ն Ալլահ ։

Մռլտացին մօտաւոր աթոռներէն մինչեւ գորգապատ ու թաւշեթիկն գահոյքները փաշաներուն։ Աստուծոյ օգնութիւնը կ’ուզէին, երբ գիտէին, թէ պէտքը չունէին անոր։ Իրողութիւն էր, որ բոլոր հանդիսականները ելեր էին իրենց սրունքներուն վրայ ու դարձեր իրենց միակտուր թրքութեան, որ կը թարգմանուի դարձեալ թրքութիւն, առանց բացայայտիչի։ Նման րոպէներու անիկա հազարամ առաջուան մեր պատմիչներէն ուրուագրուած անասունն է, դարձեալ առանց վերադիրի։ Որ կը սպաննէ, ուրիշ բանի անկարող ըլլալուն։

-Սիւպհա՜ն Ալլահ…

Անհուն, անյաղթելի իր զայրոյթը բիբի մը սեւ սաթին նման, իր աչքերուն խորը կլորցուցած, ու հոն փոխադրելով ինչ որ Ասիա իր տափաստաններէ՛ն իբր թոյնի մանանայ դեռ կը բանայ մարդոց ջիղերու ճամբաներուն եւ ինչ որ Եւրոպան մոռցած է շատոնց՝ շէյխ Սապիթը ծռեց իր գլուխը դէպի երեսը Սողոմին, ու վիշտէն՝ որքան յուզումէն պայթելու չափ խիստ՝

-Ուլան, քեաֆիր…

Չկրցաւ լրացնել։

Շո՞ւնչը կու գար քիչ, որպէսզի կանգ առնէր, շարունակելէ առաջ նախադասութեան մնացած մասը։ Տեսան զինքը, որ դէմքէն ճմուռ-ճմուռ, եղեր էր դեղին, բայց աւելի քան մեռելը, որ քսանչորս ժամ առաջ պարպուած է արիւնէն։

- Սուսատըն մը էնէլինի 4 ։

Կը գրեմ այս նախադասութիւնն ալ արտաբերման բառովը, քանի որ թարգմանութիւնը ստուերն անգամ չի տար սկզբնականին։ Իր ամէնօրեայ գործածութեամբը, թուրքերու բերնին, անիկա ունի անտարազելի բնականութիւն, վայելչութիւն, բոլորովին հեռու արեւմտեան մտայնութեան մէջ իր զգեցած վայրագութենէն։ Մահը իմացատաց խորութիւն, աւելի գէշ բառով մը՝ խորհուրդ մը չէ այդ ժողովուրդին համար, որ երկինքը, արքայութիւնն ու դժոխքը, այսինքն՝ այս մտապատկերներուն կապուած սէնարիոն շատ լաւ կ’ըմբռնէ, առանց ըմբռնելու մահը, այսինքն՝ այդ վիճակներու նախախայրիքը սա աշխարհին վրայ։ Անցեալ չունենալու անհերքելի երեւո՞յթն է սա արդիւնքը ժողովուրդի մը մէջ, որ ապրեցաւ օրուան համար ու չէ այցուած մելամաղձոտ այն տառապանքէն, որով մշակոյթ մը կը տարուի տեւողութեան գօտիներէն ու կը նոյնանայ խումբ մը մարդոց հոգեբանութեան։ Ինչ որ պատմական փառք կը կոչենք, թուրքերուն մէջ ճակատամարտի հեղում մըն է միայն։ Այդ փառքը տարօրէն արագ կը ջնջուի, երբ այլեւս հողը վրիպի անոր հասողութենէն։ Թուրք կայսրութեան քանի մը ուժգին դարերը չեն զբաղիր մեռելով, զայն զգալու անկարող ըլլալնուն։ Պոլսոյ եւ գաւառական քանի մը մեծ քաղաքներու դամբարանները փաստեր են օտար, հիւանդ եւ զեղծանած ճաշակներու եւ վախերու։ Թուրքը դրապաշտ է շատ, հոգիներու տիրապետութեան մը համակերպելու համար։ Ու կը մեռնի, առանց մեծ ցաւի։

-Ծարաւցայ։

Ո՞վ էր պատասխանողը։

Հարցուցին ասիկա իրարու, մոլեգին՝ որքան ահաբեկ։ Խուլ սարսուռ մը բոլորին ալ դէմքը ըրաւ րոպէաբար խստագիծ ու վայրագ։ Ի՞նչ բանէ կը վախնային։

-Ծարաւցե՜ր…

Հեգնական։ Անգութ։ Դեղնած։ Այս վերադիրները պարտաւոր էք տալու ձայնին, որ մեր բերաններէն այս երանգներով դուրս կը փախչի երբեմն։ Շէյխ Սապիթը չէր կրնար իր անհամրիչ ձեռքը պահել փորին վրայ։

Ու ոտքի պէյերը տեսան, որ անոր կիսահակ գլուխը շտկուեցաւ, ցից, իր ծխնիին վրայ։ Ոչ իսկ պուտ մը արիւն անոր դեղնած երեսին վրայ։

-Ծարաւցա՞ր։

Հարցականը, իրաւ ցաւի մը ձեւով, փոխուեցաւ արագ մռլտուքի մը։ Ապահովաբար այաթ մը կը ծամէր անիկա, հարիւրներու ներկայութեան, ինքզինքը ազատելու համար վերահաս փորձանքէն։ Անիկա բաւական խելք ունէր տակառին, թակոյկով սենեակին հետ չշփոթելու չափ քոմանտան փաշային ապարանքը։

-Շատ աղէկ, շատ աղէկ։

Ինքն իր ճնշումէն վիրաւոր ու յ ո գնած սա շեշտը տխուր էր նոյն ատեն՝ անզգալի նրբութեամբ մը։ Այս տարբերութիւնը կը բացատրէ ոճրագործին ու հանդիսականին հոգեբանութիւնները։ Արիւն թափելու ստիպուիլը մե՜ղք էր ի վերջոյ։ Բայց ազգային առած էր թուրքերուն բերնին սա ակնարկութիւնը, որ շուներուն օրհասը կը բացատրէ, երբ ասոնք աղտոտելու տեղ կ’ընտրեն մզկիթներու դուռները։

Ու տեսան, որ ահարկու անոր թեւը սեւ իր պատեանէն ըրաւ ինքզինքը դուրս, հանդիսաւոր կիսաղեղովը ձեռքին, նամազի լուացումը կատարող, երբ կ ա նգուննոց թեզնիքը կը սոթտուի մինչեւ ուս, երեւան բերելով միս ու ոսկոր։ Հաստ, տարօրէն տժգոյն էր այդ թեւը, զոր բաց կանանչ, կաւի գոյն գիծեր կը թուէին ասեղնագործած ըլլալ։ Հիւսք-հիւսք ապարանջա ն ներ, հաւանաբար հասարակ մետաղէ, վասնզի մեծ որկորապաշտ՝ շէյխը կ’ապրէր փորին համար ` մետաղին թանկը յատկացնելով անոր սպասին։

Այդ թեւը, թեթեւ մը դողահար, երկարեցաւ կամացուկ դէպի վիզը երիտասարդին, որուն աչքերը փակ էին գրեթէ, մինչ շրթները կը թուէին շարժիլ մեղմօրէն։ Աղօ՞թք։ Ո՜վ գիտէ։ Իր սուզումին մէջ անիկա չէր տեսած իսկ վիզին փաթթուող այդ մատները, որոնք ամրօրէն սեղմեցին անոր կոկորդը։

Սեւ տղեկը, սարսափէն, նետուեր էր տեղէն։ Ափսէն՝ գետինը։ Կոտրող գաւաթներուն աղմուկը հազիւ լսուեցաւ։ Աչքերը չէին կրցած բաժնուիլ շէյխին կռնակէն։

Սողոմը, ա չքերը բացած, աշխատեցաւ մեղմութեամբ ընել ետ այդ օղակը, որուն ամբողջացումին հասեր էր ձախն ալ։ Շէյխին հաստ շնչառութիւնը նշան էր ուժին մեծ սպառումի։ Ու անձուկի, նոյն ատեն։ Սրա՞հը, անգոյ, վասնզի ժամացոյցին թիք-թաքը, գիծ-գիծ, ինքզինքը կը կտրտէր, ճիգով ու զգուշութեամբ, սրտմտած ու անձկալից հանդիսատեսի մը պէս։ Ու կը լայննար հեւքը, համատարած լռութեան մէջ, լարելով տղուն գլխուն վերեւ մեծկակ ռունգերը թաթարի քիթին, կցկտուր ու ճղրտուն, մինչ մատները, քրտինքով լպրծուն, կը դժուարանային յաղթահարելու անոր վիզին դնդերները։ Մինչեւ ո՞ւր։ Մինչեւ ե՞րբ, որպէսզի թոյլ այդ օղակը զօրանար՝ կոտրելու չափ շունչին խողովակը։

Այսպէս հարցուցին իրարու խղդելու առաքինութեան երկո ւ մասնագէտներ, Տիգրանակերտի կողմերէն, պաշտօնի բարձրացումով փոխադրուած Պրուսա։ Հոյակապ ու գիրուկ միւֆթիներ էին ասոնք, որոնք շէյխին սա փորձը ատենին, 95ի ջարդերուն կատարեր էին այնքան յաջողակ, տասնամեայ շղթայակապ տղաքը մինչեւ հինգ վայրկեան իրենց վիզերէն կղպած պահելու իրենց մատերուն օղակին, քիչիկ-քիչիկ սեղմելով՝ հասնելու համար երջանիկ հանգիստին։

Շէյխը հազաց։

Տեսան սակայն նոյն րոպէին երիտասարդ կրօնափոխը, որ իր վիզին ծանրացող այդ երկաթները բռնեց մերկ դաստակներէն։ Առատութիւնը միսին, ուր ընկղմեցան տղուն պողպատ ու բարակ մատները։ Ցնցում։ Ընկրկում։ Դէմքի արնախռնում։ Ու շնորհալի, իրենց յիշատակներուն ցոլքովը գեղեցկացած երկու միւֆթիները զարմացան անշուշտ, տեսնելով ցցուիլը շէյխին, ետ նետուելու շարժումին մէջ, օդ փնտռող, ամրանալ ձգտելով ողնասիւնին վրայ։ Կռտող ները 5 ուժ առնելու համար կարօտ են կոնքի, կռնակի, սրունքի նպաստներուն։ Շէյխին փուտ միսերը տառացի կտրտուած էին Սողոմին պիրկ ու սուր մատներէն։

Ցաւի սա ուժգնութեան տակ չիյնալու համար գետին, նոյն ատեն խորունկ ամօթի մը վախէն ջլատուած, շէյխը լայն իր թաթերը ամրացուց տղուն ուսերուն։ Լաթը կը պահէր զանոնք սահելէ։ Խոշոր իր մատնե ր ը այդ կերպով տեղաւորուած, անոր տուին անհրաժեշտ ապահովութիւն։ Բայց չէր հաշուած ուժերուն սպառումը, ո ր եղաւ արագ՝ որքան անակնկալ։ Տկարացման սա անձուկին մէջ ի զուր փնտռեց տղուն աչքերը, սարսափի հեղումով մը կտրելու համար անոր եղունգներուն սլաքները իր միսերուն մէջ, հետզհետէ աւելի խորացող։ Անիկա կը դողար մեծ իր մարմինին ուրիշ ալ մասերէն։ Ու հաստ վիզին ծալքերը բանջարի նման կարմրեր էին։ Զինուորները անտեղեակ անցածին, կ’ուրախանային շէյխին դղրդող կոյտին դիմաց։ Սրահը՝ իջած լարուածքէն։ Զուարճալի՞ սա արջուն եւ «խոզի ձագին» անակնկալ ճակատումը, որ հաւանաբար մէկն էր շէյխին հանրահամբաւ կատակներէն, նոյնիսկ ամէնէն հանդիսաւոր առիթներու…

Գրեթէ նոյն րոպէին, երբ տիգրանակերտցի միւֆթին՝

- Եաշասը՜ն 6, - պոռաց, լիահագա գ ու յաղթական, վասնզի տեսեր էր շէյխին մէկ թաթին մուրճի պէս իջնալը տղուն ճակատին։ Սողոմենց Սողոմը փայտ կտրող մէկու մը բնականութեամբ, անսպասելիօրէն արագ, զոյգ իր ձեռքերուն մէջ առաւ այդ բարձրացող բռունցքը ու դարձուց, իր բոլոր ուժովը, իր ծխնիին վրայ, ամբողջական հոլովումով մը։ Փ րթող յօդերու կճրտո՞ւքը։ Կոտրող բանի մը ճռի ՞ նչը։ Լսուեցան ասոնք։ Ու լսուեցաւ ճիշդ այն գիծէն, որով գրուեր էր Մաթիկին կոշկոճագին մահը անոր ուղեղին, երբ մարդասպանը, իր ծխնիին վրայ, զոյգ իր ձեռքերով դարձուցեր էր նոյն ամբողջական հոլովումով, փայտերու հիւսուած թեւը անմոռանալի յեղափոխականին։

-Ա՜…

Ինչպէ՛ս արջ մը վիրաւոր։

Շէյ խ ը ինկած՝ կռնակին վրայ։

Ու սրահը թնդաց։

Նոյն րոպէին, զինուոր մը, առանց հրամանի սպասելու, մաուզէրին հաստախարիսխ կ ո թը փակցուց Սողոմին ծոծրակին ու գլորեց զայն շէյխին մարմինին վրայ։

Արդէն կապա ծ էին զայն, առանց ուշ դնելու մօրը, որ ակռաներ ը բացած կը խածնէր ի՛նչ որ կ’իյնար կզակներուն հասողութեան։ Անոր մռնչիւնը կը լեցնէր սրահը, կը յորդէր ապակիներէն ` երթալու համար հսկայական ապարանքին հեռանկեալ խորշերը մինչեւ։ Սուր, բզկտող այդ ճիչերը հանդիսականներուն ջիղերը ըրին կտոր-կտոր։ Թուրք կինը չի պոռար։

Աւելորդ է խօսիլ ընդհանուր իրարանցումէն։

Ամէն մարդ ձայն ունէր, ամէն մարդ կարծիք, սպասելով, որ փրթէին պոռացող կնոջ ձայնին խողովակները։ Ու այս կարծիքներուն մէջ, հիմնականը, տղուն նահանջը։ Հետաքրքիր՝ շատերը սելավաթին իրապէս կատարուած ըլլալուն, վասնզի ատիկա ապահովութիւն մըն էր անոր մահուան։ Չէին գիտեր իրական ազդակը տղուն ու շէյխին բախումին։ Ու կը մտածէին։

Բայց տիրապետո՛ղ՝ կանչուըռտուքը Սողոմենց հարսին, իջնելու տեղ աճող ու անտանելի, ա՛յնքան՝ որ մատէն խածուած ոստիկան մը բռունցքի հարուածքով մը ջախջախեց անոր կզակը։ Արիւնը հոսեցաւ, բայց ձայնը մնաց անպարտելի։ Ուրիշ հարուած մը անոր գանկին րոպէ մը լռեցուց զայն ` առանց անոր ուշքը առնելու գլխէն։ Ու պղտոր լռութեան մէջ, զոր մօրը մեղմ հեծկլտուքը կ’ակօսէր քիչ-քիչ, լսելի եղաւ սրահին արեւմտեան մուտքէն կանացի ձայն մը.

-Ի՞նչ աղմուկ է աս։

Ամէնքը դարձան ձայնին։

-Ի՞նչ կ’ընէք։

Տիրական։ Սխալ չէ աւելցնել՝ արքայական։

Քոմանտան փաշային կինը։

Պարզ, գլխուն մետաքսէ ճերմակ վառ՝ անիկա քալեց առաջ։ Քայլերը փոխելու հպարտութիւնը, մարմինին բռնուածքը, աչքերու լարումը բաւական բան կ’ըսէին սա մարդոց, որոնց ակնարկին փաղաղիչ ու յայրատ սեւեռումը անզօր եղաւ սա մուտքին տպաւորիչ հեղինակութիւնը աղարտելու։ Անսայթաք, տարօրէն նուրբ կարմիրով մը զգեստաւոր այտերէն, մինչեւ անգամ ճակատէն՝ հասաւ անիկա կաշկանդուած տղուն։ Սրտառուչ։ Գրեթէ մեղադրող, բայց համակերպուն անոր նայուա՜ծքը։

-Հանդարտ, վալիտէ 7 ։

Ինչո՞ւ չեն պատասխանած տղուն հայեացքին։

Սողոմին մայրը, բերանը զգուշացնելով հանդերձ հանըմին «մաս-մաքուր» զգեստներէն, ձեւը գտեր էր իյնալու անոր փէշերուն ու ճակատը դրած անոր ոտքերուն։

-Տղա՜ս, հանըմ, տղա՜ս։

Ո՛չ արցունք, ոչ ալ ձայն։ Այլ երկուքը մէկէն, ինչպէս կ’ընեն, գեղերու մէջ, ողբի րոպէներուն, մեռելին առջեւ կամ անոր յիշատակին հետ։

-Հանդարտ, վալիտէ, հանդարտ։

Ու ձայնին հետ, ձե՛ռքը, որ զայն հանեց ոտքի։ Արի՜ւնը, սեւ, մէկ շրթունքի անկիւնին։ Ու չկար մէկը անկէ նեղուող։

Երկարեց անոր իր թաշկինակը։

-Սրբէ բերանդ։

Յետոյ, դառնալով զինուորներուն՝

-Ձգեցէք ինծի։

Իր մատը ցոյց էր տուած Սողոմը։

Ըսուածքի հեղինակութեան կը միանար անոր համբաւը։ Զինուորները, առանց քակելու իրենց շղթան, քաշեցին իրենց ձեռքերը տղուն մարմինէն։

Անդին՝ ուրիշ խումբ մը զբաղած էր շէյխը ուշաբերելու, որուն կիսափակ թարթիչներէն նայուածքի գիծ մը, անկանոն, կը ջանար ըլլալ, բայց կ’աւրուէր, համաձայն գլխուն կրած շարժումներուն։ Նոյն ատեն հսկայ ու հոտած անոր զանգուածը կը հպատակէր դուրսէն բազուկներու, լքելով ինքզինքը, ասոնց պակասէն, ստեղծելով դիակին կարծրացումը կանխող ջրի, աղկաղկ թուլութիւնը, նուաղումին հետեւող յուսաբեկ անձուկը։

Կուսակալը, քանի մը հազարապետ, երեք­չորս մեծաստիճան կրօնաւոր շրջապատեցին սարայլըն։ Անոր ամուսինը ճամբայ էր ինկած իր գահոյքէն դէպի սա խումբը, բայց սպառնացուած՝ պայթելու վրայ հազէն, զգուշաւոր էր իր քայլերուն։ Փոշին, ապականուած օդը կը սղոցէին անոր կոկորդը։

Հպարտ, դժգոհ՝ կուսակալը ձեռքը լայն բանալով իր կռնակին վրայ։

-Ի՞նչ է աս, հանըմ էֆէնտի։

-Ինչո՞ւ կը հարցնէք ինծի ատիկա։

-Որո՞ւ ուրեմն պէտք կ’ըլլայ հարցնել։

- Ձեզի, փաշա հազրէթլերի։

-Ինծի՞։

Ապշահար, ցոյց տալով դեղնած ատամներու շարք մը, խոռոչաւոր ու անկանոն։

-Անշո՛ւշտ։

Հասած էր քոմանտան փաշան, զայրոյթէն կապուտցած։ Հազին նիզակէն հալածական՝ անիկա չխօսեցաւ։ Սուր ու խոշոր անոր շունչը կը հոտէր ստամոքսի կաթսային ամբողջ գարշութեամբը, որ զ էրերուն խօսակցութիւնը տաժանք մը կ’ընէ դէմինին։

- Դուք էք պատասխանատուն։

- Ինչպէ՞ս թէ մենք։

- Ի հարկէ, փաշա հազրէթլերի։

Անոր նուրբ ձեռքը գնաց շղթաներուն։ Հա՞զ մը կ’արգիլէր, թէ կ’ուզէր լռել։ Բայց տաքցաւ մորթին վրայ ցոլացող կարմիրը կը մատնէր ատիկա ու աւելցուց, գրեթէ յանդիմանող.

- Ճիշդ երեք անգամ ես լուր եմ ղրկեր այսօր, քոմանտան փաշային։

Եւ դարձուց իր նայուածքը ամուսինին։

- Այնպէս չէ՞, փաշա՛։

Քոմանտան փաշան «կէս արտավար» իր երեսներով ու կոճի նման դունչովը պարտաւորուեցաւ հաստատել ստուգութիւնը հանըմին պատմումին։ Ու անոր վիզին տակէն քառածալ միսը մաս կ’առնէր այս խօսակցութեան։

- Ես գիտէի, կը զգայի ասիկա։

- Ի՞նչ բան։

- Ինչ որ կատարուած է։

- Զարմանալի։

- Երբեք, ընդհակառակն, շատ պարզ, ամէն ինչ ծանօթ էր ձեզի։

- Կը մերժեմ այդ վերագրումը բացարձակապէս։ Իմ մասիս՝ ես անտեղեակ եմ ամէն բանէ։

- Եւ սակայն ես լուր եմ ղրկեր։

- Թէ՞։

- Թէ սելավաթի պաշտօնական արարողութիւնը բաւ էր համարուելու, թէ՝ ա՛լ հարկ չկար սա երկրորդին, մա՛նաւանդ անոր տրուած սա հանդիսաւորութեան։

- Բայց ի՞նչ վնաս կայ ատոր մէջ, հանըմ էֆէնտի։

- Վնա՞ս։

Ու ցոյց տուաւ մատին ծայրովը շէյխով զբաղած խումբը, ուր դէմքերու արտայայտութիւնը կը դառնար անձկալից։

- Ահաւասիկ վնասը։

Կուսակալը լաւ չէր հասկցած։

- Այդպէս էր ուզած։

- Ո՞վ։

- Հաւատափոխը։

Անիկա լռեց։

Դէմը, ինչպէս Մարիամ մօր պարկենքին առջեւ, Սողոմենց կինը, անշուշտ բնաւ կամ շատ քիչ բան հասկնալով սա վիճաբանութենէն, բայց տարօրէն խոր ապահովութեամբ մը անոր «հոգին կը վկայէր», թէ այդ բերանէն «ըռինդութիւն» միայն կրնար գալ հայուն՝ ինչպէս թուրքին։ Այսպէս կը դատենք, առանց որոշապէս գիտակցելու մեր տուեալներուն, անծանօթներ, որոնց հետ մեր առաջին հանդիպումը կու գա յ խոր խռովքի ակօսներէն։

Անոնց շուրջը մարդերու համախմբումը եղաւ շատ արագ։

Աւագանին ամբողջ։ Այսինքն՝ կուսակալութեան ամէնէն ջոջ պաշտօնատարները, մեծ մասով կրօնական նուիրապետութենէն։ Որոնք երկիւղախառն լռութեամբ կը շփշփէին, հիացիկ, իրենց մօրուքները ու պարտկելու յոյսով յայրատ աշխատանոցը իրենց աչքերուն, կիսամրմունջ աղալով այաթը այաթին ետեւէն։ Այդ օրերուն մարդիկ աղօթելու էին մորթելու՝ ինչպէս ցանկանալու ատեն։ Բացառիկ՝ սա պատեհութիւնը, այնքան խօսուած արքենի կինը վայելելու աչքով։ Թուրք ընտանիքը կազմուած է առանց կնոջ։ Ըսել կ’ուզեմ՝ անոր մէջ զգալի չէ ազդեցութիւնը կին տարրին։ Զօրանոցն ու դիւանը կաղապարած են անոր խարիսխները։ Այրը՝ տունէն դուրս։ Կինը՝ վանդակէն ներս։ Առաջինը՝ սրճարանները, աղօթատեղիները յամենալով մեծ ախորժանքով։ Երկրորդը՝ իր պողչան միշտ պատրաստ պահելով, դուրս նետուելու մշտական անդոհին մէջ, պակսելով իր կայանէն հոգիովն ու սրտովը։ …Բոլոր այս մարդիկը, արգիլուած պտուղին ձգողութեամբը, իրարու կիներուն հանդէպ խուլ հետաքրքրութեամբ, աչքով կ’ուտէին դեռ անթարշամ հրապոյրը սարայլըին, որուն կ’աւելնար հեքիաթը, ցանկութիւններուն լուսապսակը։ Բոլոր այս մարդիկը, իրենց բազմահատոր կիները կը ստիպէին պատմել, բեմադրել մարմինները ուրիշներու կիներուն ու կ’ապրէին օտար ծոցին կարօտովը, իրենք զիրենք ընելով մեծատաղանդ տարփաւորներ, սազով կամ չարիքով պարզելու ատեն անմահ տենչը սերմին ծարաւին։ Ասկէ զատ զինուորականը հիմնատարր հոգեբանութիւն է թուրք ընկերութեան մէջ։ Բանակի, զօրանոցի սա պաշտամունքը նկարագիրն է անոնց քաղաքակրթութեան։ Զուտ արու տարրով կազմուած այդ ընկերութիւնը նախճիրով, արիւնով կը շարունակէ թափը սկզբնական ախորժակին տակաւին հիմա։ Սեռին դիտապաստ զգետնուիլը, ռուս վէպին մէջ այնքան ճակատագրական, թուրքերուն մօտ տարրական կենցաղ է դեռ։ Եւրոպա ըրած մեծ փաշաներն ու ազնուատոհմ պէյերը դուրս չեն այս ընդհանրացումէն։ Դրէք սեռը թուրքին հասողութեան ու ասիկա պիտի բաւէ, որպէսզի անիկա պարպուի իր միւս կիրքերէն, պայմանաւ, որ արիւնը կամ ասոր հոտը նախապէս «բռնած» չըլլայ անոնց զգայարանքները։ Անգամ մը արիւնի համր զգացող կենդանին, սերմին պիտի կապէ ճապաղիքին եղկ միւս համն ալ։ Լլկելն ու նոյն գիծով սպաննելը, անոնց բանակներուն նախասիրած մարզանքը եղաւ դարերով։

Ու գիտէին, թէ ինչո՜ւ չէին խօսեր։

Կուսակալը, մետաքս իր թաշկինակէն հոտ սփռելո՞ւ, թէ մշուշոտ ապակիները մաքրելու համար իր ակնոցին, պաղած կը նայէր մոնոկրամ ին, զոր Եղնիկին մատները բանած էին այդ կտաւին վրայ։ Իրողութիւն էր, որ սա ա՛լ անգիտակից դարձած զբաղումով՝ անիկա սովոր էր իր մտածումները հանել իրենց թմբիրէն։ Նստակեաց կենդանիներուն մէջ շարժումը մտածումը ուրիշ քիչ բան է տհաճութիւն է ու անգործութիւն։ …Կիսասեւեռ, ակնոցը տեղաւորելէ յետոյ իր քիթին կէսին կ’ընէր այսպէս, նմանելու համար եւրոպացի դիւանագէտի մը, որմէ լուսանկար մը ինկած էր իր թուղթերուն մէջ՝ պատկերազարդ հանդէսէ մը հանուած–, հարցուց տիկինին դիւանագէտի խորհրդաւոր թարթումովը։

­Հիմա՞։

Սարայլըն, լո՛ւռ։ Անիկա կը հետեւէր շէյխին մարմինին, որ անգործօն միսի էր վերածուած։

Իր հարցումէն մարդ կը նեղուի երբեմն։

Եւ սակայն խուժանը կը դառնար խռով։

- Հանըմ էֆէնտի, կրնա՞մ ձեզի հարցնել, թէ ինչու այսպէս ուզեց այս հաւատափոխը։

- Ինչպէ՞ս ուզեց։

- Ինչո՞ւ չուրացաւ իր մայրը։

- Այդ հարցումը պատասխան չունի, փաշա հազրէթլերի։

- Ինչպէ՞ս։

Անոր ամուսինը, «ականջները կախ»՝ կը հետեւէր սա խօսակցութեան՝ միջամտել վախնալով։ Գայթակղութիւնը արդիւնք էր քոմանտանին գերմանական իմաստութեան։

- Դուք կը հարցնէք ինչուն ու չէք մտածեր ձեզի։

Ու ինքնին անուշիկ անոր աչքերը անգամ մըն ալ անուշցան, սեւեռումով մը դէպի ներս։ Իր սրտին նայող կնոջ մը աչքերը անդիմադրելի են։ Ասկէ զատ մենք գրեթէ միշտ կ’այցուինք անգայտ շղարշումովը մեր մտապատկերներուն։ Թախծոտ ժպիտ մը ուրուացեր էր մեղմ անոր միսերուն անդունդներէն։ Անսփո փ գիտութիւնը մեզ կ’ընէ շողարձակ։

Անոր մատը դողաց։ Մեծ ադամանդէ մը բիւրեղներ կը փրթէին, երբ աւելցուց.

- Բայց մենք չէ, որ մեր օրէնքները պիտի պարտաւորենք ուրիշներու սիրտին։

Երկու օր առաջ կարդացուած վէպէ մը, որ թարգմանութիւն մըն էր կոմսուհիի մը սիրարկածները պատմող, սա մտածումը անիկա կը կրկնէր անդադար, մարդոց սիրտերը վարող ուժերուն տարօրինակ, անգուշակելի ուղղութիւններէն խորապէս շահագրգռուած։ Ո՞ր օրէնքին զօրութեամբը վէպին հերոսուհին իր աղջկանը նշանածը կ’առնէր անոր միամիտ տարփանքէն, ու ասիկա՝ հեշտագին, հարցնելով իր վայելքին մէջ իր արարքին արժէքը իր տարփաւորին ու անկէ առնելով վերի պատասխանը։ Սարայլըն ընդհանրացուց առածին իմաստը։ Սողոմին մերժումը փառաւոր փաստ մըն էր անշուշտ։ Բայց անիկա կ’անգիտանար աւելին։ Տարիներով կը բուսանանք, մեղքին կամ վայելքին խորը, անհանգիստ կամ պանդոյր։ Օրին մէկը, չսպասուած առիթով մը, որ ակնարկ մը, շարժում մը, բառ մը, ընթերցում մը կրնայ ըլլալ, մենք կը վերածուինք, ըսել կ’ուզեմ՝ մեզի դարձած կը գտնենք, խելամտելով մեր բուսական անդոհին ու մեր դժբախտութիւնը կը հագնինք, ոչ թէ դուրսէն բռնադրուած փուշէ պսակի մը կամ ներսէն հրամայուած ձարէ շապիկի մը պէս, այլ՝ իբրեւ մեր իսկ մարմինին ոգեղինացումը ու մեզ կը դատենք։ Բոլոր այն կիները, որոնք մեղքը ունեցան իրենց պարտադիր ընկեր, օրին մէկը զայն պիտի տեսնեն այս տարազով։ Քառսունէն յետոյ անոնք պիտի չզղջան, ոչ ալ ափսոսան, այլ պիտի իմաստնանա ն ու պիտի հաշտուին իրենք իրենց հետ։

Թարթիչները կիսովի վեր, հեռուները իջնողի այլուրութեամբ մը, ուր կար անուշութիւն ու տրտմութիւն ու ինչ որ քսան տարուան փափկասնունդ մեղք մը կու տայ մեր արտայայտութեան իբր ապրուած ճանաչողութիւն՝ անիկա աւելցուց իբր թէ օտարներուն.

- Սիրտը դուրս է մեր հասողութենէն ու մեր պարտքն է հասկնալ այս հանելուկը։

Գիտէր, թէ կը կրկնէր մօտաւոր իմաստը տողի մը, դարձեալ թարգմանութիւն մը, որուն մէջ այդ բառերը կ’ելլէին բերանէն ուրիշ կնոջ մը, իր՝ թէ իրմէն մատաղ տարիքով, ան ալ իշխանուհի, հեռաւոր Անգլիայի մէկ դղեակին մէջ, հազար մը տարի առաջ, երբ, ծովաբարձ աշտարակին կատարին, գլխիկը կ’երկարէր, աղօթքէ մը ետք, էրկանը սուրին, իր սիրահարին սպանումէն յետոյ աւելորդ յայտարարելով ապրիլը ու արցունքով, բայց անդիմադրելի շնորհով մըն ալ մահ պաղատելով ամուսին իշխանէն, ա՛յնքան՝ որ անպատուըւած սիրտը կը փղձկէր իր կնոջ սա քաղցրութենէն ու իր կարգին սուրը կ’երկարէր անոր, մահուան ծարաւով։ Վէպերուն ու դիւցազներգութիւններուն մէջ երբեմն կեանքը իրաւ է մեր իրականութենէն շատ վեր հոծութեամբ։

- Ո՞ր հանելուկը։

Ուրկէ՞ իմանար կուսակալ փաշան ալիքներէ կոծուած աշտարակին կատարին մատուցուած սա պատարագը ու անոր մէկ նախադասութիւնը։ Անիկա հարցուց սակայն.

- Բայց զարմանալի է, որ չէք հասկնար, փաշա հազրէթլերի։

Ու չէր գիտեր, որ ինքն էր զարմանալին։ Անիկա դարձաւ սակայն դղեակէն իր սրահը։ Ու կը թուէր տեւողութեան դաշտերէն քալել, այնքան մտապատկերը իր անգլիական ծագումով իշխող էր տակաւին անոր զգայարանքներուն։

- Կեանքը ճերմակ թուղթ չէ ու մեր ուզած մելանը չեն տար մեզի։

Աս ալ մտածում մը, ուրիշ վէպէ մը։

- Կեանքը երկաթէ տախտակ է, ու ամէն գրիչ ուժ չունի անոր վրայ իր ուզածը գրելու։

Կանգ առաւ։ Ճիգ ու շուարում։ Ամբոխը կախ էր անոր աղուոր շրթներէն, որոնք բառերը կ’արձակէին առանց ծեքծեքումի, լրջութեամբ տրտմած։ Խոր էր անիկա, հրապուրիչ, իմաստուն։ Ու տակաւին չէր գիտեր, թէ քանի մը կիներ անցեր էին իր դէմէն, իրենց եղերերգական վայելչութեամբ ու տրամին սիրտ առնող փաթեթիքովը։ Անիկա կը դառնար խռովիչ։ Հեռանկեալ պատկերներուն լոյսը մեզ կ’ընէ այսպէս թափանցիկ։

- Չէ՞ կարելի պարզ խօսիլ, հանըմ էֆէնտի։

Առանց հեգնութեան չափեց անիկա իր խօսակիցը։ Պզտիկ ծալք մը անոր շրթներու անկիւնէն, որով կը խուսափի մեզմէ մեր անկարողութեան պատգամը։

- Ի վերջոյ, փաշա հազրէթլերի, գիտէ՞ք բան մը…

Կէս մնացած նախադասութիւնը, գլխու տրտում հակումով մը, կրկին եղաւ անհասկնալի։

- Ի՞նչ է ձեր նպատակը։

- Գիտէ՞ք բան մը մահէն անդին։

Սարայլըն կրքոտ էր։ Որո՞ւ կը բարկանար։

- Այսի՞նքն։

- Պարզ է, շատ պարզ, փաշա հազրէթլերի, կա՞յ, գիտէ՞ք բան մը մահէն անդին։

Անիկա լրջացաւ։ Կիրքը կտրեր էր։ Ու պարզ էին անոր աչքերը, որոնք, վէպերէն դարձող, կը մատնէին երկար ճամբորդութիւններու խոնջէնքն ու տրտմութիւնը։ Սրահը կը շարունակէր ինքզինքը հաւաքել աւագ այս խումբին շուրջը։

- Մահուան յօժարող մը, այդ իսկ դիւրաբեկութեամբ, չի վախնար մեր օրէնքներէն։ Ու պարզ է այս ճշմարտութիւնը դարձեալ։

- Ո՞վ է ատիկա, հանըմ էֆէնտի։

- Ան։

Ցոյց տուաւ երիտասարդը։

- Մեզի չըսուեցաւ ասիկա։

- Կարելի է։ Բայց ես հաղորդեցի այս պարագան քոմանտան փաշային։

Անիկա հանդարտ էր, բացատրող քան, թէ վիճաբանող։

- Ու ըրի կարելին, որպէսզի դէպքերը չիյնային հոս։

Լռեց։ Աչքին ուրուացեր էր ու ջնջուեր ստուերը խոհարարին, որ անոր ոլորտին մէջ քաշուած կ’ըլլար անզգալաբար։

- Արդար չէ՞, որ տղայ մը վախնար իր մօրմէն։

- Կատարելապէս։

- Մերժե՞ց իրենց գեղին մեծերը։

- Այո՛։

- Քահանա՞ն։

- Այո՛։

- Բայց անիկա չէր կրնար մերժել իր մայրը։

- Իրաւունք ունի հանըմ էֆէնտին։

- Ու վճռական, ­ յայտարարեց ասիկա։

Տեսան անոր ձեռքը, որ երկարեցաւ՝ ճակտին փակած վառը զատելու եւ տանելու քիչ մը աւելի ետ, դէպի մազերը։ Մետաքսը, երբ թրջի, կը նեղէ, կծու, մածուցիկ դառնալով։ Բարակ շողիւն մը կը խաղար քրտնած մասերէն։

- Ու երբ հիմնակա ն ը ունէիք, չեմ գիտեր ինչո՞ւ երկրորդականով վտանգ փնտռեցիք։

Պոլսական խօսակցութեան ընտիր կերպերը անիկա զարգացուցած էր եւ իր սալոնին սպասովը երկար տարիներ վէպերը ուրիշ նպաստ էին բերած անոր խօսքի բնածին դիւրութեան։ Իր ժպիտը, խօսքի մէջ զգեցած անգիտակից պչրանքը, իր անձին համը իրարու կու գային, որպէսզի մարդերը ուշանային իր շունչին մէջ։ Ու ինք գիտէր ատիկա, բայց առանց սնապարծութեան։

- Հակառակ թախանձանքիս՝ չհասկցան, թէ աւելորդ էր յամառիլ սա հանդիպումին։

- Բայց ըսին, որ դուք էք փափաքած։

- Ե՞ս։

Նայեցաւ ամուսինին, որ գլուխը դարձուցեր էր շէյխով զբաղող խմբակին։

- Մօր ու տղու վերջնական բաժանումէն առաջ, ես ուզեցի, որ իրար տեսնեն անգամ մը։

- Տեսա՞ք։

- Մի աճապարէք։ Տեսնեն՝ բայց ոչ յիսուն, հարիւր աչքերու տակ, այլ՝ վարը, խոհանոցին մէջ։ Այս է եղածը ու չեղածը։ Նման տագնապներու մէջ կիները կը հասկնան իրար։ Կու գան րոպէներ, երբ սիրտերը վեր կ’ըլլան ձեր օրէնքներէն, փաշա հազրէթլերի, ու թերեւս վեր՝ ազգէն ալ, կրօնքէն ալ։

Կը խօսէր բնական, հակառակ քրտինքին, որ կը շատնար չնորոգուած օդին ու յուզումին։ Այս բնականութիւնն էր պատճառ, որպէսզի անցնէր աննշմար մտածումին հերետիկոսութիւնը։ Ազատականութիւնը Թուրքը բարքերու մէջ կը հանդուրժէր, անշուշտ ուրիշին վրայով, կրօնքին նպաստովը ճեհեննէմին բաշխելով հեղինակները։ Բայց բառերու կրկէսէն անիկա քրէական մեղք էր ու է՛ տակաւին։ Չէ եղած շրջան, մամուլի հաստատումէն ասդին, որուն մէջ, անոնք, այսինքն՝ մտածողները առանց մահուան սպառնալիքի յանդգնին գրել ինչ որ կը մտածեն աս ու ան հարցին շուրջ։

- Հիմա՝ որ հիմնականը կատարուած է, ու կատարուած՝ մեր ամէնուն ցանկալի ձեւովը, կը խորհիմ, որ ձգէք ինծի կարգադրութիւնը այս կնճիռին։ Կը փափաքիմ, որ տղան յանձնէք ինծի ամէնէն շատ կէս ժամուան համար։

- Յետո՞յ։

- Յետո՞յ։ Վստահ եմ, թէ զայն կը դարձնեմ ձեզի սրբացած եւ ուղղափառ, այնքան՝ որքան զտարիւն միւսլիւմանէ մը ծնած մէկը։

- Բայց կատարեալ գոհունակութեամբ, հ ա նըմ էֆէնտի։ Անշուշտ Ալլահը վարձահատոյց կ’ըլլայ ձեր բարիքներէն։

Քաղաքային վարժարան է 8 փայլուն ընթացաւարտ, իր պոլսական կապերուն պարտական արագ իր յառաջացումը՝ կուսակալը կը հաւատար բարիքին։

- Շնորհակալ եմ։

Չէր նայած էրկանը, որ շահ ունէր չհանդիպելու անոր հայեացքին ու կը թուէր մտազբաղ շէյխին երկարող նուաղումովը։ Քաղաքէն պալատ դարձին՝ էրիկ­կնիկ գրեթէ կռուեր էին սա «սերսեմ» հանդէսին համար։ Կը վախնար ամուր նայելէ շրջապատող աչքերուն, որոնք գիտէր ուղղուած իր մարմինին բոլոր մասերուն, ասեղի պէս սուր ու թափանցող։

Սրբեց փրփուրի նման թաշկինակով մը յօնքերուն վերնագիծը։ Քրտինքը անտանելի կը դառնար։

-Հաւատի՛ս։

Չէր շրջած իր կրունկներուն վրայ։ Գիտէր անոր ներկայութիւնը իր ետին։

Խոհարարը կեցաւ յարգանքով։

-Տար այս տղան խոհանոց։

Հարիւրապետ Աքիֆ պէյը, զինուորական լրջութեամբ՝

-Անշուշտ հսկողութեան տակ, հանըմ էֆէնտի։

-Չեմ հասկնար։

Կուսակալը միջամտեց։ Բանտարկեալները չէին կրնար առանց զինուորի պտըտիլ։ Բայց շնորհ մը կ’ըլլար տիկինին անշուշտ։ Պահակները սպասէին պիտի խոհանոցէն դուրս։ Տեսակցութենէն ետք, մինչեւ ձեւակերպական արարողութեանց ամբողջացումը, հաւատափոխը պիտի դառնար իր խցիկին։

Անիկա, առանց առարկութեան, ընդունեց թելադրուածը։ Սարսափին մէջն էր հարիւրապետին նայուածքին։

Ու, դառնալով Սողոմին մօրը՝

- Քալէ ետեւէս։

Սողոմենց հարսը, որուն արիւնը քիչ­քիչ կը մզուէր դեռ, ինկաւ անոր առջեւը։ Տղան, զինուորներէ շրջապատ՝ կը կանխէր զանոնք։

Ամբոխը՝ հիացիկ տրտմութեան մէջ։

Անոնց հեռացումը արձակեց պաշտօնատարներուն լեզուները։ Ոչ ոք կը զբաղէր շէյխով, որ հասակին փառքովը կ’երկարէր քանափէի մը վրայ։

Սկսաւ դասական պատուասիրութիւնը։

Օշարակ, ու բազմատեսակ քաղցուեղէններ։ Անուշի տիրապետութեամբ սա կոչունքները թրքական բարձր դասուն նախասիրած հաւաքոյթները կը կազմէին Համիտի ռէժիմին։ Խմիչքի պակասը, պարտադիր ըլլալու չափ, գեղեցիկ նոթ մըն էր բոլորին համար։ Ու Արեւմուտք ըրած մտաւորականներն անգամ հաճոյք ունէին սա զգուշաւոր համակերպումէն։ Քաղաքին ամէնէն համբաւով անուշավաճառը ստանձնած էր հանդէսին սպասը։ Վերէն վար ճերմակ վերարկուի մը մէջ, ածիլուած գլուխներուն վրայ նոյն ճերմակէն գդակ, ուսերուն կախ ճերմակ հաւլու ներ, ու մարմինի ծիրէ ու երկայնքէ մէկ, տասնի մօտ մարդեր, իրենց ետեւէն մանրուք, բայց համատարազ տղաք, կը դառնային, հսկայ ափսէները տաշեղի պէս շարժելով ուզուած ուղղութեամբ։ Ուրիշ խումբ մը տղայ, միշտ նոյնատարազ, արծաթ կոնք ու ըպրըգ 9 կը պտըտցնէին, ուշադիր, լուրջ ու հանդիսաւոր։ Տօներ, հարսնիքներ, թլ փ ատութեան հանդէսներ, մեծափարթամ ապարանքներու մէջ բարիքին կը զուգորդեն վայելքը։ Պալատը ամբողջ, բացի հիւրերէն, ծառայողներու լման բանակովը ուր եկեր էին աւելնալու ազգականներու տղաք ու անկարներուն մօտակայ օճախը կ’օրհնէին փաշային հայրենաւանդ առատաձեռնութիւնը ու կը մեղրոտէին իրենց բազմատոչոր կոկորդները յանուն Ալլահին ու իր միակ Մարգարէին։ Կոյր երգեցիկներու խմբակը, որ Ջերմուկներու արուարձանին մէջ մնայուն օճախ կը պահէր, ու կանչուած էր պալատ, հանդիսաւորութիւնը կրկնապէս չքաւորելու, ինքզինքը դժբախտ զգաց, վասնզի չունեցաւ պատեհութիւնը իր տաղանդը արժեցնելու։ Խնճոյքը չսկսած՝ «աւրուեր» էր։ Բազմազգի անոնց գործիքները կը հանգչէին անոնց ծունկերուն, մէջքին, կողին։ Մինչ անձանձրոյթ ու տարօրէն վարժ՝ անոնց ձեռքերը մեծ եռանդով կը կրէին իրենց նահատակ որկորներուն ինչ որ կը մատուցուէր իրենց, հինգ մատներով պատառաքաղին անցուցած կարագով պսակաւոր անուշները, ձախ ափն ալ գոգ ընելով կաթելիքի մասին։

Շէ՞յխը։

Քուն ըլլալու էր, ինչպէս կը սիրէին կարծել զինքը լքողները իր բարձրադիր դագաղին, ու վազած էին անուշի սպասին։ Յետոյ ատեն կարելի էր ճարել զայն արթնցնելու։

Ու պնակի, պատառաքաղի կ րօնաւորները իրենց մատներէն դուրս բան չգործածեցին քաղցր աղմուկը, վարդին հոտը, որ շաքարջուրէն կը զատուէր, կզակներուն մեծ շրշիւնը ստեղծեր էին սանկ պղտոր, ծփծփուն լռութիւն մը։

Չտեսան, թէ ուրկէ՛ մտաւ սեւ բանը։

Ճա՞նճ մըն էր։

Արագ՝ խոյացաւ անիկա շէյխին քիթին. բողկուկներովը սանտրեց իր թեւերուն ժանեակը ու ռունգէն ներս հարցուց առաջին հարցումը փտութեան ու որդին։

Մահը հոտ ունի՞։

Ոչ ոք, որ փախցնէր անարգ միջատը, սրբազա՜ն այդ դէմքէն։

1 Լապճին կիսափող մուճակ, կակուղ կաշիէ, զոր տարիք առած թուրքերը կը գործածէին կրկնակօշիկի մէջ։

2 Գա՛հր օլսուն անկցի, անիծուի։

3 Սելավաթ հաւատափոխութեան տարազը։ Լէ իլէհէ իլալլահ, Մուհամմէտ րասուլ Ալլահ չիք այլ Աստուած բացի Աստուծմէն՝ ու Մուհամմէտը Անոր մարգարէն։ Որուն արտասանումը իսլամ կ’ընէ ոչ-իսլամը։

4 Էնէլինի սուսամագ իր մահուան ծարաւիլ։

5 Կռտող արու անասունները որձատող։

6 Եաշասըն կեցցէ։

7 Վալիտէ մայր։ Որոշ տարիքէ մը ետք կինը մայր է թուրքերուն մէջ։

8 Քաղաքային վարժարան թուրքերը այդ վարժարանները կ’անուանէին միլքիյէ։ Անոնց մէջ կը պատրաստուէր վարչական մեքենային համար անհրաժեշտ պաշտօնէութիւնը։ Օտար մշակոյթէ զգուշութեամբ զերծ պահուած այդ հաստատութիւնները գործնապաշտ ոգիով մը կը տոգորէին իրենց ուսանողութիւնը, մշակելով թրքութեան ու իսլամութեան անխառն պաշտամունք մը։ Վեհապետին ուղղակի հսկողութեան տակ՝ այդ դպրոցները տուին իմացապէս բոպիկ մտաւորականութիւն մը, որ թուրք պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը դասեց կատարը ուսումին։

9 Ըպրըգ պղինձէ սափոր։