Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

Վարը, խոհանոցին կից սենեակին մէջ, իր լրումին կը հասնէր առաջին մասը սա ողբերգութեան, որ խեղճուկ գիւղի մը աւելի քան խեղճուկ մէկ փողոցիկէն առած էր իր սկիզբը, ընչաքաղց ու նախանձոտ պառաւի մը անաստուած մէկ ցանկութեան յագուրդ բերելու նպատակով, ու այսքան տագնապներէ, արիւնէ, կրակէ վերջը ինկած սա հեղձամղձուկ անցքի՜ն, նոր պողոտա՜յ՝ քիչ ժամանակ ետքը, դէպի բարդ կեանքը պալատներուն, ցեղային յոյզերուն, անպարագիծ, անըմբռնելի արեան ուրիշ փոթորիկի մը մէջէն հասնելու համար իր սեփական անդունդին, ամէն մարդու վերջնական ստացուածքին, սա մեր աշխարհէն։

Երկու պառաւով ճամբայ ինկած տրամին այս մասը իր առաջին կէսի վերջաբանին ունէր հինգ հանդիսական։

Սողոմենց տղան նստած էր մօրը դէմ, ա՛լ վերջին անգամ։ Տեսակցութեան ներկայ՝ սարայլըն, աղջիկը, խոհարարը։

Ու ամէն մէկը իրեն յատուկ տագնապով։

Անոնց ամէնէն անսփոփն ու ջախջախուածը, հաւանաբար խոհարար Աւետի՛սը, որ մինակն էր զգալու համար անհուն ճնշումը սա տրամին։

«Հոգին ծախելը» ժողովրդային խորունկ բացատրութիւն մը չէ միայն, այլեւ՝ պատգամ մը, զոր քիչեր պիտի հասկնան, վտանգին անմիջական պարունակէն դուրս։ Իր կրօնքին՝ իբր գերագոյն լաստի մը՝ փաթթուած սա ողորմելին ինչպէս կը կոչէր ինքզինքը, սրտին խորէն, Պրուսայի ժամուն գաւիթի պատկերին առջեւ ակնափակ մինակն էր կշռելու համար ծրագրուած դժբախտութիւնը երիտասարդին, որուն, հաւատքին փոխարէն, ծոցը պիտի տային աս ու ան աղջիկը անիկա վստահ էր Եղնիկին այլուրութեանը սիրային ամէն տագնապէ ու կը դատէր անոր միջամտութիւնը սա պատահարին, իբրեւ մէկը անոր քմայքներէն–, ինչպէս տեսեր էր այնքան շատերու համար վերջին տարիներուն, երբ խաչապաշտ Աստուածը տկար էր ինկած Մուհամմէտին կրունկներուն։ Ջարդերուն հետեւող յուսալքումը պատճառն էր սա ուրացումներուն։ Ու կարմրեցաւ։ Վասնզի կշռեց նոյն մեղքով իր ալ կորուստը «ի գեհենն յաւիտենից»…։ Հարկաւ, բազմամեղ Բարսեղ վարդապետին շիրմաքարէն զուր տեղը չէր փակած գրաբար տարազը անոր ուղեղին։ «Հէյ վա՜խ» ըսաւ անոր միտքը, բայց ոչ՝ բերանը։ Յետո՞յ։ Անոր ծոցէն բարձրացաւ ուրիշ ձայն մը, պարզ ու տաքուկ, զոր կսկիծէն խորովուած կոկորդ մը կ’ընէր աւելի կակուղ, արիւնոտ։ Անիկա, իր մեղքէն ծեծուած նահատակ, տարիքին հետ դարձեր էր զգայուն սա ներքին խօսքերուն, որոնք սրտի որոտ մը կը կանխէին իր մէջ ու կը տրորէին անոր արդէն խոնջ ջիղերը։ Դէմը պիտի խօսէր առանց անդրադառնալու, ու պիտի վախնար այդ ձայնին հաշուոյն։ Անիկա հաւատացած էր, թէ այդ խօսքը կու գար կաշեպատ համայիլէն, զոր կը պահէր կարուած՝ իր բաճկոնին խորերը, անհնարին զգուշութեամբ, բոլորին, մինչեւ իսկ տարփուհիին հոտառութենէն։ Այդ հնօրեայ, շատ բարակ մագաղաթի վրայ ձեռագիր յուռութքին մէջ՝ աղօ՛թք մը աղբիւրն էր այդ ձայնին, քանի որ կը զրուցուէր «ի փրկութիւն վաճառելոցն գեհենին»։ Կախարդ վարդապետի մը հոգին էր, որ կը յառնէր ու կը խօսէր այդ ց օ ղերուն մէջէն, չլքելով մոլորեալ ոչխարը, նոյնիսկ անյոյս կորուստէն ետքն ալ, յանձնարարելով «զայդ աղօթս առնել», ազատելու համար յաւիտենից դատապարտութենէն բոլոր Ադամու որդիքը, աս ու ան հնարքներով ինկած «մոլորեցուցչին» որոգայթներուն, ուրանալով, զրպա ր տելով, շնանալով ու տաճկընալով ։ Ադամու որդիները այս «աղցաւեր» աշխարհին վրայ բաւական տառապած էին, Երկնաւորին ալ հանդուրժել կարենալու համար։ Ու պարզամիտ խոհարարը, սա կարճ յետմիջօրէին, երրորդ անգամ ըլլալով զրուցած էր փրկութեան աղօթքը ի հաշիւ Սողոմին։ «Արհաւրանաց», տագնապի հզօր աղօթք, որ, ուրիշներու մէջքին իր հրաշքներէն զատ, իրական հրաշքն էր գործեր, տաճիկներուն սա ոստանին մէջ։ Խարբերդու որբուկը պատսպարելու, պատանութեան օրերէն, պահելով զայն հայ ու անարատ իր մեծ մեղքին հակառակ, ու ծոցին մէջ իր եկեղեցիին։ «Յորժամ ոք երթայցէ ի դատարան կամ ի մաճլիսն հագարացւոյն» վերտառութիւնը ունէր նշանաւոր աղօթքը։ Ու հագարացիին փորձանքներէն ամէնէն տուն աւրողը «ուրացումն էր սրբոյ եկեղեցւոյ»…։ Դաժան մագաղա՜թը։ Որ աղօթքի վերջաւորութեան երեւան կը բերէր մանրանկար Գեթսեմանի մը, ձիթենիներով պարուրաւոր։ Զոր ցիրուցան ժայռեր կ’ընէին վիրաւոր։ Յիսո՛ւսը, լուսապսակին լիալիր ու ոսկի մաքրութեամբը ողողելով ու աղուորցնել ջանալով նոյնիսկ սեփ­սեւ դէմքը Իսկարիովտացիին, որուն կը պակսէր աչքերը, ասեղով փորուած ըլլալուն, մագաղաթին վրայէն։

Հանդիսականներէն անհասկնալին ու թեթե՛ւը՝ աղջիկը քոմանտան փաշային, իր մորթին զգլխանքին մէջ հեշտօրէն փաթթուած յուզումը, բազմութիւնը, տօնական համ ը գիշերին արձագանգ ունէին անոր գոյներուն վրայ–, ժպտուն, բերանաբաց ու մանուկ, ինչպէս կը տարազէ նման վիճակներ մեր եկեղեցին «մանկունք եկեղեցւոյ», այսօր անլուծելի, բայց ատենին այնքան յորդ, բաբախուն իր մէկ բացատրութեամբը։ Ան է մանուկը, որ չէ անցած միսին մահակէն ու ցաւին շարմաղէն։ Ան է մանուկը, որ պիտի նայի ուրիշներու տառապանքին սա անիմանալի, գրեթէ չէզոք աչքերով։ Երկրի ընդերքին, թակոյկով սենեակներու գիշերապաշտ այցելո՜ւն, որ երկու դիակի մագնիսին ընդմէջէն մօտեցեր էր մարդկեղէն զգայութեանց, ցաւին ու արգահատանքին եւ, թերեւս այդ փապուղիէն՝ զգացումներու հզօրագոյնին։ Այդ համբաւաւոր գիշերը, իր անկողինին մէջ, մահէն դարձին (այսպէս յորջորջեր էր իր խենթութեան թելադրած պատահարը), անիկա քնացեր էր միակտուր խաղաղութեամբ, առտուն զարմանալով տժգոյն այն բեռէն, որ սենեակին պատկերն էր իր ջիղերուն հիւսքին, մեռածովն ու ողջովը։ …Այն օրէն, Սողոմը իջած, պզտիկցած՝ իր մագնիսէն ու խորհուրդէն։ Նո՞ր կը տեսնէր։ Ու կը զարմանար նայիլ կրնալուն, չզգալով բարակ կրակ մը աչքերու ապակիին, ինչպէս կը տարազէր սիւրմէլի ֆաթման սիրականներու նայուածքը աղջիկներու միսերէն ներս…։ Ու չէր զգար «անցնիլը տաք ջուրէ», գործածելու համար ուրիշ պատկեր մը, միշտ «սիրոյ խենթ» աղջիկէն։ Բայց անիկա բոլորովին հեռու էր իր մէջ կատարուող սա փոփոխումը ճշդիւ կատարելէ։ Ու հեռու մա՛նաւանդ իր ալ կշիռը կասկածելի սա վերջաբանին վրայ։ Անոր մայրը զգոյշ էր եղած ու պատանեկան հետաքրքրութիւնը պահած իր սահմանին։ Անիկա նպաստ չէր գտած խոհարարէն, որ կը վախնար աւելի խորունկ մեղքը սա «աղջիկին»։ Տարիք մը կայ, որմէ կը պակսի գլուխը։ Ու մինակ ծերութիւնը չէ ատիկա։ Ու կամաց­կամաց անիկա վարժուեր էր իր ըրածին բնականութեան։ Ատկէ դէպի անտարբեր մոռացումը ճամբայ կայ անշուշտ։ Սէ՞ր։ Արգահատա՞նք։ Ու ան միւս մեծ բառե՞րը, որոնք վէպերու մէջ յուզիչ են այնքան։ Կեանքին դիմաց անոնք ի հարկէ կշիռ մը ունին։ Բայց տասնվեց մտնող աղջիկները բաւական մանուկ են առագաստ ունենալու համար սիրոյ հովերուն։ Ամուսնութիւնը շատ տարբեր ոլորտ մըն է այդ տարիքէն աղջիկներու գլխուն։ Այնպէս որ, լաւ է հարցումներ դնել, բայց պատասխան չսպասել։ Չունին։ Երբ կ’ունենան, արդէն ելած են ոսկի բոժոժէն ու հարսնուկ դարձած։ Անիկա օտար էր Սողոմենց տղուն։ Վտանգի մը պարագայի՞ն։ Ո՜վ գիտէ։ Նոր կախաղան մը թերեւս շեղէր նժարին աչքը։

Ասոր մօտ հոգեբանութեամբ մը, սարայլըն։ Բացի տաճկի դասական գոհունակութենէն, քիչ բան, որ զայն ընէր ընդունակ, տրամին փաթեթիքին։ Ու այդ քիչ բանին մէջ կսկի՛ծը, որուն փորձառութիւնը ունէր անիկա տարփանքի մահիճէն։ Խոհարարին ներամփոփ հայեացքը բաւ էր թելադրելու անոր եռանդը, առանց հայցման պէտքի մը։ Իրենց տարփանքին ամէնէն խոր, «փրփրերախ» րոպէներուն տեսարան պիտի գար այդ կպչուն թախիծը, կատաղի ու փաղաղիչ, իբր հանգում մը, ինքնածծում մը, ստրջանք մը, տեսակ մը մկանային երկրաշարժ, վրէժխնդրական, հզօր, քրքրող, որ կը յորդէր անոր շրթներէն ու կը փշրուէր անոր միսերուն մարմարին, պալատին լոգարանէն, առիւծի մը բերանէն փրփրող տաք ջուրին նմանակ։ Ու անկարելի էր որոշել այդ պոռթկումին զսպանակը։ Մեղքին սարսա՞փը. վրէժխնդիր հաճո՞յքը. կորսուած հայութեան անդրադա՞րձը։ Իրողութիւն էր, որ այս տարրերով պրկուած, խոհարարին տարփանքը սեռային ըլլալէ կը դադրէր շատ յաճախ ու կը պղտորուէր տարերային միութեան մը մշուշին մէջ։ Այդ հոծութիւնը, ուժգնութիւնը, միսէն սա ծարաւը ու անյագ ախորժակը երկուքին ալ մարմինները կը հաւասարեցնէր ` իշխանուհիին միսերը վերածելով մարդկեղէն տուփի մը ընկալուչ աւազանին։ Թերեւս սա բացառիկ երանգը կը միջամտէր, այսքան երկար տեւողութեան մը վրայ պահպանելու համար պատրանքը։ Խոհարարը իր կրօնքին մէջ մնալ արտօնող լայնամտութիւնն ալ իր աղբիւրը ունէր տարփական սա արձակութեան մէջ։ Պիտի ընդունէր անոր կատաղութիւնը իր ծոցին վրայ, երբ իր տարփաւորը կը խղդէր Յուդան, հրեաները, քահանայապետները, առանց անդրադառնալու խորագոյն յուզումին, երբ կը փակէր աչքերը նուաղուն հանըմին, որ իր վրայ հիւսուող բազուկներուն բանտին մէջ ինքզինքը կը հանէր հին դարերու հեքիաթին։ Ու սիրահար ամէն կին երկրորդ կեանքի մը նպաստովը կը ջանայ հաւասար պահել իր անկողինը, ամուսնին կուշտին։ …Անիկա լաւ չէր գիտեր, թէ ինչու այս պատկերներէն կ’այցուէր սա պահուն, երբ իր առջին մարդոց մեծ ցաւերէն մէկը մարմին կը դառնար Սողոմին մօրը ձեւով։

Բայց սա տրամին ճակատագրական դերակատա՜րը, Սողոմենց Սողոմը, որ մատաղ տարիքին ու քայքայուած ջիղերուն հակառակ, եղեր էր այնքան «բռնուած», ծանր, սենեակ մուտքէն յետոյ։ Անիկա չկրցաւ պագնել մօրը ձեռքը, ինչպէս խոստացած էր սարայլըին, քիչ առաջ, առաջին տեսակցութեան ընթացքին, որուն մէջ մտիկ էր ըրած տիրական կինը, կամազուրկ ու թշուառ, լողալով ամօթին ու քրտինքին մէջ ու հազար երանի տալով Մաթիկ Մելիքխանեանցին։ …Աչքերը կախ, օտար՝ ինքը իրեն, որքան շուրջիններուն, քաշուա՜ծ՝ Եղնիկին խորհուրդովը, բայց ատիկա ծածկելու ճիգով տառապակոծ՝ անիկա կը զղջար սա հանդիպումը ընդունած ըլլալուն։ Խօսքի պակասը աւելի նեղիչ կը դառնար, քանի դուրսէն աղմուկները ցածնային ու սա սենեակին անձկալից իրականութիւնը ընէին թանձր ու շօշափելի։ Այս նուաղուն էջքին հետ անոր մտքին կը բացուէին շուար սանդուխներ, դուռներ՝ որոնք կը լայննային դէպի խորերը։ Մէկէն տեսանելի, այսինքն՝ շօշափելի մահը, անոր անհերքելի խաղաղութիւնը, դադարը։ Միւսէն՝ սէրը, երիտասարդութեան ծովէն բարձրացող հզօր հիւսիսայգը։ Ուրիշէ մը՝ պարզ ու իրաւ կեանքը, ա՛ն՝ որ տղու ն ու պատանիին բուսական աճումովը, վայելքներովն է պայմանաւոր…։ Բառե՜ր, բառե՜ր, բառե՜ր… տեղն է գրելու։ Ի՞նչ գործ ունէր հոս։ Ու հեքիաթի սեղանի մը պէս, զոր ոգիները րոպէաբար կը շտկէին աշխարհին բիւր համադամներովը, ու կը մաքրէին ր ոպէաբար՝ տեղը ուրիշ մը յարդարելու, անցաւ անոր գեղը, լման, իբր ջիղ ու ապրում։ Անոր աչքի շեղ գիծին մօրը լաչակը, իրենց բառով՝ չէմպէրը, կապոյտ ուլունքով, պատմութիւնը անոր նոպաներուն, երբ կ’առնէր հասակը ու կը զարնէր գետին, ճուալով ու ճուալով…

Բայց այս տրամին ամէնէն եղկելի նոխազը, կի՜նը՝ Սողոմենց արդար Հայրապետին։ Որ չէր կրնար հաւատալ, համոզուիլ իր մանչուն՝ զայն գտնելով լերան չափ մեծցած։ Այսպէս է գիծը մայրերուն։ Զաւակ մը ամէնէն առաջ մարմին է անոր աչքին։ Թո՞ւրք։

-Հարիւրով վկայ էր հարկաւոր, մօտի սա անուշիկ, խելօք, ամչկոտ պատկերէն բարձրանալու համար խուժդուժ յղացքին, որ թուրքն է մեր ամէնուն հոգիին մէջ, կենդանի ու անջինջ մղձաւանջ, դարեր դարերով։

Յետո՞յ։

Քիչ­քիչ մաշեցաւ սրութիւնը սա հանդիպումին։ Օտար ու անըմբռնելի իր նկարագիրը կը ծանրանար, կը մասնաւորուէր, վերածուելու համար շատ յստակ զգայնութեան մը, որ մահամերձին անկողինը, սենեակն է, ամէն գիւղացիի ուղեղին։ Մահը ամէնօրեայ իրականութիւն է հոն, ու անոր հաղորդ են մեծն ու պզտիկը։ Սողոմենց կնիկը ինքզինքը գտնել կը զգար մահամերձի մը գլխուն, մուտքէն յետոյ քահանային, որ մետաքս ու ոսկեթել ծածկոյթէն դողալով կը բանար սրբատուփը ու Տիրոջը մարմինը կը մօտեցնէր պառկողին ա՛լ կարկամած շրթունքներուն։ Ու, հետեւող

« Մնաք խաղաղութեամբ »ը…։

Անշո՜ւշտ։ Հիւանդը հաղորդելէ ետքը տէրտէրը այս բառերով կը յանձնէր մնացողները Աստուծոյ մխիթարութեան…։ Անոր դուրս ելլելովը կը բացուէին դէպի մահիճ քայլերը դրան սպասող հոգէառին։ Կարդալ դիւրին է այս ամէնը։ Բայց չափե՜լ։

Վախնալով, շուար, ասեղ­ասեղ խթանուած վերի կզակներու ծխնիէն՝ անիկա բռներ էր մանչուն մատներէն։ Դէմքին քրտինքին հակառակ երկաթի պէս պաղ այդ մատները հաստ­հաստ կճեցին անոր սիրտը։

- Ինչո՞ւ պաղ են մատներդ, օղո՛ւլ։

Սողոմը չկրցաւ նայիլ իր մօրը։ Կուղպ՝ անոր կզակները։ Բարակ դող մը թաց մազերը կը զատէր քիչ­քիչ իրարմէ։

Անոր մայրը կամացուկ, նոյն վախով, մատներէն ելաւ դաստակներուն։ Ջո՛ւր։ Անզգալաբար անիկա կը մարձէր տղուն միսերը, իբրեւ թէ ըլլար ատիկա ծանր հիւանդութեան մը անկողինին։ Մայրական սա գգուանքը, որուն նեարդներուն մէջ քսանի մօտ տարիներ պահ էին դրուած։ Օրան ու մանկութիւն։ Ցաւեր ու երազներ։ Ինչե՜ր չեն ծաղկեր մայրերուն մատներէն, երբ կը պտըտին զաւակներու մարմինին։ Այս զգայութիւնը անցա՞ւ տղուն ալ հոգիին, որպէսզի համարձակէր նայիլ մօրը աչքերուն, ուր անիկա գտաւ, չափազանց յստակ, այն անյատակ թախիծը, որ գամուած էր ուղեղին, երբ հօրը նոր գոցուած գերեզմանին վրայ հողին գուղձերը տեղաւորող ծերը, թեթեւ մը հառաչելով, շտկեր էր մէջքը, բռներ ձեռքէն ու մօտեցուցեր խելագար իր մօրը, ինչպէս պլլուած էր այրին, իր առջինեկի վիզին։ Քալեր, տուն դարձե՞ր էին։ Ինչպէս նստեր էին ամայացած սենեակին մէջ, պզտիկներուն միամիտ տրտմութեան անուշադիր, բայց անկէ ծածկուած անգամ մըն ալ։ …Այսպէս պիտի գան մեզի մեր տառապանքները, տիրական ու արհամարհոտ։ …Անոր միտքը դարձաւ պատկերէն։ Ու ինք երկարում մըն էր սա սենեակէն դէպի հօրը սենեակը։ Մեր յիմարութի՜ւնը, տարազի կապելու տեւողութեան անհասութիւնը, այնքան վեր մեր կորնչական ու ճիղ ճ տ եւումէն, որքան ինքը, գլխագիր Խորհուրդը, մեզ պարուրող, բայց մեզ նուաճող գործիքներէն հետզհետէ հեռացող Անծանօթին…։ Երկու տարիներ սահեր էին պատկերին վրայէն։ Բայց անոր մօրը աչքերուն խորը ահաւոր պատկերէն թել մը բան չէր ճերմկած։ Աւելի ճիշդը՝ գերեզմանի մը կուշտին իր ընելիքին անգէտ կինն էր անիկա նորէն։ Ո՞վ կը թաղէր այդ մայրը։ Հարցուց ատիկա ինքն իրեն անոր տղան։ Բայց չայցուեցաւ թափանցումէն։ Մէկը առջեւէն անցուց երկու ժամ առաջուան զզու ա գին պատկերը, բանտի պաշտօնէութեան աղօթատեղին, որուն ցանկապատ պատշգամին, անիկա մերժեց իր վարդապետը յետոյ քահանայ–, թաղականները, յայտարարելով, թէ չէր ճանչնա՜ր զանոնք։

Մա՞յրը։ Ու տեսա՞ծը։

- Ա՜ն էր։ Մանչը, առջինեկը, պիւլպիւլը…

Բայց ոչ՝ հօրը հողքին վրայ։ Այլ՝ ողջուցը։ Դպրոցէն դարձին։ Իրենց քահանային պատուհանին ուրկէ մեծկակ էջ մը գիրքի պէս բլուրի թափին փռուած էր գերեզմաննոցը, քարերովն ու կոյտերովը հեգելով անծանօթին մեծ պատգամը շրթներէն կախ մելանուշ սաղմոսը՝

Դարձ անձն իմ ի հանգիստ քոյ, զի Տէր կոչեաց զքեզ… որ հանգստեան կարգին անմարդկային խժդժութիւնը կ’աշխատի մեղմել ու կատարուած ողբերգութեան մէջ կը դնէ յոյսին կանանչ ճիւղիկը, աշխարհէն մեր չգտածը երկինքին մէջ վերագտնել մղելով մեր զահանդած երեւակայութիւնը։

Ա՜ն էր, իր մանչը, հօրը մահէն բաւական մը ետքը, գիշերը այն առտուին, երբ պիտի մտնէր ծառայ Նալպանտենց շեմին։ Ինչպէ՜ս, նոյն պատուհանին, աքաղաղներուն կրկնակի կանչէն ալ ետքը՝ անիկա շարունակեր էր քաղուածքը բոլոր շարականներուն, ցած, մութէն բուսած բերնի մը նման, լման թաղը յուզելով հզօր յուզումով, բայց մա՛նաւանդ մայրը, իր մեծ աղջկան փաթթուած, բարձին երեսները լուալով երկուքով…։ Շարժումը օրէնքն է կեանքին։ Դ էմէ դէմ մարմինները պիտի ծեծուին անպատճառ, ներկային պակսած ատենը, անցեալին բանակներովը։

­Պագ ճակատէն։

Սարա՜յլըն։

Որուն հրամանը զայն ետ կանչեց հեռաւոր, բայց տարօրէն կենդանի, ըսես դեռ երէկ պատահած այդ տեսարանէն։ Մահը նոր կը մեկնէր անոնց տունէն, այն ատեն, ինչպէս հիմա։ Ամէնօրեայ ցաւը, գերեզման այցը, գործին մէջէն մեռնողին գովքը թափող ձայները կը միջամտեն յիշատակի սա պահպանումին։

Օր չ’անցնիր, որ աս ու ան ձեւով տիրական մեռելը չկանչուի՝ բաժին առնելու ողջերուն հաճոյքին ու լեղիին։

Անիկա շփեց աչքերը։ Վա՛խը՝ նայելու սարայլըին, որ հոգէառի իմաստ մը հագաւ կարճ իր նախադասութեան մէջէն։ Ու վախին կապուած ջլատող լքումը։ Ուրիշ ամէն լքումի դ էմ մարմինը հակազդեցութեան ճիգ մը կ’ուրուագրէ իր ալքերէն։ Մահուան դէմ անկարող է ատոր։ Խուսափելու համար հանըմին անձէն, նայեցաւ մանչուն, որ դեղներ էր, Խաչելութեան պատկերին տակ դրուած մարդահասակ ու ուխտով մը նշանաւոր մեծ մոմին պէս։ Ու առաւ անիկա հոտ, անոր մարմինին, այն անջնջելի ու անտես շղարշը մանչերու միսին, որ մայրերու հ ոգետունին կը պահուի անաղարտ ու չսպասուած պահերու կը բուսնի, ջուրէն ելլող դոնդող բանին պէս…։ Երբ տեսաւ, որ հագուստները իր կարածը չէին՝

- Հալալ ըրէ կաթդ…

Պարտաւորուած՝ մայրը դարձաւ տիկինին։ Ի՜նչ գեղեցիկ էր շղարշը անոր միսերուն։ Ո՞վ էր բաներ խենթեցնող այդ շնորհը այդ միսին թելերուն խորը։ Ու չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ կը տպաւորուէր այդ կէս­բաց կարմիրով, որ Թրքուհիին այտերը կ’ընէր սրտառուչ։ Ու կարծեց տեսնել անոր ճակատին անսովոր ալ բան մը, մանր, յուզման հովէ մը տարուբեր։

- Զաւակդ է անիկա։

Այո՞։ Ըսողը՝ ա՜ն՝ որ կ’առնէր իր ձեռքէն։

- Զաւա՜կս, զաւա՜կս, զաւա՜կս։

Բայց՝ դէ՛մը։ Ինքնիրեն։ Բայց շեշտի այնպիսի՛ այլուրութեամբ մը, որ տպաւորեց բոլորը։ Ո՞վ մեզ կը փոխադրէ մեր ձայնին։ Ու ո՞վ՝ մեզ կը պարպէ անկէ, նոյն րոպէին։

Փորձեց բարձրանալ։

Աթո՞ռը փակած էր իրեն, թէ սրունքները փրթեր էին իրենց կապերէն։

Իրողութիւն էր, որ թմրեր, «փատ­փատ» էին դարձեր անոր ոտքերը, ինչպէս սովոր էին կամացուկ շշնջել իրարու, հեռու գեղին մէջ, հոգեվարքի «սնարքին», երբ վերմակին տակ, մահամերձին մեծ մատէն (ոտքի) մահը կը մտնէր, ու կը մտնէր հակառակ ամէն դարմանի, շուտով կը պաղեցնէր միւս մատները ու, գլուխը առած՝ կը շուլլուէր վեր, կոճերը, յետոյ՝ բումբերը ու կը նստէր, ըսես շունչ առնելու, ծունկի ոսկորին, իր անցած տեղերուն վրայ երկաթ դնելով։ Մահուան սա անդիմադրելի յարձակողակա՜նը, որ կը մնայ անջինջ կիներու թանկ զգայութեանց գանձարանին։ Մեր գեղերուն մէջ մահը հասարակաց սեղան է։ Անոր կը կանչուին կիները, այսպէս մօտիկէն շփուելու ու այս գիտութիւնը զանոնք ըրած է այնքան քաղցր ու իրերահոս։ Չկայ դաս մը այնքան խորունկ, որքան հոգեվարքը, որքան մահէն ետքը մնացողները ամոքելու պարզ զոհաբերումը։ Ամէն մարդ կու տայ իր կրցածը։ Երկունքի մահիճէն չարթնցած մեկնող մայրը ի յառաջագունէ ապահով է իր ձագուկին ապրելուն, հարսներուն ծիծովը, որոնք պիտի տրամադրեն իրենց կաթը որբուկներուն, առանց հաշիւի ու սրտանց, մեծնալով իրենց հոգիէն ու մեծցնելով։

Անիկա վախցաւ սակայն կոխելու գարշապարին, որ փշրուած ոսկորի կը նմանէր, ինչպէս էր այդ թմրումին մտապատկերը իր մէջ, բայց երկարեց ձեռքը ծունկի գունտին, որ սանդի քարի մը պէս դպաւ իր մատներուն։ Տա՞ք։ Պա՞ղ։ Չէր կրնար ճշդել։ Բայց իրեն այնպէս եկաւ, որ երկարող իր թեւին մէջ ալ երկաթ թելեր էին, որոնք յօդուածներուն, իր բառովը՝ խաղերուն հանգոյցները կը հիւսէին մամուկ­բուն ի 1 նման, մրջիւն­մրջիւն, եռուն ու անհատնում։ Շարժումի սա վախը այնքան յստակ էր, որ խոհարարը փութաց անոր անութին, սարայլըին ակնարկովը։

Այդ օգնութեամբ, քիչիկ մը ամրացած իյնալու իր վախին մէջ, բայց հիմնովին խեղճ ու ջնջուած՝ անիկա յաջողեցաւ կեցնել իր մարմինը ոտքերուն վրայ։ Կը դողար, քայլ ելլող տղու անփորձութեամբ։ Աւելի անմեկնելին՝ մտածելու իր անընդունակութիւնը։ Ինչո՞ւ ոտքի, երբ կրնար տղուն ճակատը քաշել իր շրթներուն։ Այս կարելիութիւնը մտածում չեղաւ սակայն։ Անիկա ոտքերէն աւելի վախ ունէր գանկէն, որուն պատերը կակուղ կու գային։ Ըսես ոսկորի տեղ կրճիկ ըլլար, առաձիգ ու ընկրկուն, թասը իր գլխուն։ Յետոյ զգաց մեծկակ կայլակ մը բան, որ պտղեցաւ իր ծոծրակի փոսիկէն քիչիկ մը վեր։ Ցա՞ւ։ Ջո՞ւր։ Կրա՞կ՝ սա բաբախումը, որ պուտ­պուտ կը շինուէր, կը փլէր, կը պոռար ու կը լռէր, երբեմն անհամեմատ լայննալով, մինչեւ ոտքին մեծ մատը հասցնելով իր այրուցքին գիծը։ Ինք իրմէ աւելնալու, իր մասերուն մէջ փոխադրուելու սա շատ ուրիշ զգայութեան կը յաջորդէր ուրիշ մը, քիչնալու, սեղմուելու, իր ուժերէն քամուելու անհուն յոգնութիւնը, իրական իր սպառումը։ Հոգին մեծ յուզումներու դիմակալումը կ’ընէ, անշուշտ ուժի մեծ վատնումով։ Տագնապի պահուն գիտակցութիւնը չունինք այդ աշխատանքին։ Բայց կու գայ րոպէն, երբ այլեւս բոլոր մեր պահեստները կը հալին ու մարմինը կը կործանի րոպէական քայքայումով։ …Թերեւս կանխող ամիսներու տաժանքն ու սպասումներն էին պատճառ, որպէսզի անոր շրթները առանց բառի խոնարհէին տղուն ճակատին։

Թաց, քրտինքով ոլոռ­ոլոռ այդ ճակատը պաղ էր, ինչպէս ճակատը Աստուածորդիին, գեղի ժամու խաչքարին, որ կանանց դուռի քառանկիւն շրջանակին էր քանդակուած եւ, որուն համբոյրին երկարելու էին բոլոր աղօթուորները մուտքին ու ելքին ` տանելով իրենց միսերուն մէջ խուլ ու պաղ սարսուռը խաչուած Աստուծոյ տառապանքին։

- Ըսէ, ըրէ հալալ։

Սողոմենց հարսը վեր առաւ աչքերը։ Անոնք չունէին ճերմակ ալ, սեւ ալ։ Արցո՞ւնք։ Չէր կարելի այսպէս անուանել թանձր, բայց կիսհալ եղի պէս բանը, որուն մէջ բռնուած էին անոր թարթիչները։ Նայուածք չէր կրնար ըլլալ անոնցմէ։ Րոպէ մը։ Ու պուտը քամուեցաւ վերջապէս։

Ու, ինչպէս կը պատահի մեռելի գլխուն, անցաւ արցունքը, անզգալաբար, միւսներուն ալ։ Եղան աղուոր աչքերը Եղնիկին թաց ու տաք։ Եղան խորունկ աչքերը հանըմին փակ։ Բարակ ջուր մը անոր թարթիչները սոսնձեց իրարու։ Խոշոր ու կայլակով, այդ արցունքը, խոհարարին քիթէն անգամ։

Բայց արցունքը փոխուեցաւ հզօր, խղդիչ հեկեկանքի Սողոմին վրայ։

Թեւերը դրած մօրկանը երկու ուսերուն, ամօթէն թէ ցաւէն՝ ինքզինքը խորտակելու չափ պրկած՝ անիկա թաղեց շրթները անոր պլուզին ուսածալքին ու պայթելու գնով ջանաց իր ձայնը խնայել իր շուրջին։ Անոր իրանը կը ցնցուէր այդ ճիգին ներքեւ։ Ու տեսան, որ շունչ կ’առնէր լեզուին ծայրովը։ Մաքառումը երկար չտեւեց։ Ընկրկումէն աւելի զայրագնած, փղձկում մը կը տապալէր անոր ընդդիմութիւնը։ Անիկա պարպեց իրմէն դուրս, չորս անհուն ամիսներու թոյնն ու լեղին մօրկանը ծոցին։ Կու լանք արիւն, ժանգ ու անկում, բա յ ց կը զովանանք։ Մինակ մահուան դէմ զուրկ ենք այդ սփոփումէն։ Թերեւս ատ է պատճառը բացառիկ այն համին, որ մահուան լացը կը հիւսէ մեր զգայարանքներուն այնքան տարբեր բաղադրումով մը։ Անոր հոգին չէր կշտացած։

Մայրը սակայն գրեթէ ուրա՜խ, սա հեղեղին դէմ։

Օրրանի տղու մը պէս, անզգայ ու հեռու մատներով՝ անիկա կը շոյէր տանջահար անոր ճակատը։ Ու կը համբուրէր, իրարու ետեւէ, անոր թրջուած, կծու հոտով մը շաղահիւս մազերը։ Ու չէր կշտանար։ «Ցաւը աղ է, ցաւը անկուշտ է» ըսեր է մեր գեղացին, անշուշտ մտքի առջեւ ունենալով սա պատկերները, որոնք թատերաբեմի փոքրութեամբ գեղը մեծկակ տուն մըն է, անջատ բնակարանները սենեակներն են այդ մեծ տունին աւելի կը զօրանան, կը բեւեռուին երբեմն։

- Հալալ ըլլայ կաթս…

Չկրցաւ լրացնել։ Անոր բերնին հետ կէս մնաց «ցաւ»ը։ Վասնզի կոկորդին կլորցած էր ախտին գունտը։ Ոչ մէկ ատեն այնքան կատղեցաւ անիկա այդ կծիկին դէմ, որքան հոդ։ Խոհարարը թօթուեց անոր գլուխը աջ ու ձախ։ Այս շարժումը փարատեց կծիկը։ Տեսան, որ լացէն ազատուեր էին աչքերը։ Անիկա լրացուց՝

- Զաւա՜կս։

Զովացա՞ւ։ Թեթեւցա՞ւ։

Ու կրկնեց.

- Հալալ ըլլայ։

Ու չէր գիտեր, թէ իր կաթը կը բաշխէր տղուն, բոլորովին անկախ կերպով սարայլըին պատգամէն, որ այդ րոպէին աւելի չէր արժեր, քան տարեկից, վիճակակից կին մը, միշտ գեղը, սիրեկան մեռելի մը գլխուն։ Ու չէր գիտեր, թէ իր մօտալուտ մահուան (գեղ դարձին, ամիս մը ետքը՝ անիկա պիտի մեռնէր խենթեցած, էրկանը հողքին վրայ ձիւները դիզելով ու ինքզինքը մէջը թաղելով) մերձազարկ ազդմունքին ներքեւ, անիկա իր երակներուն մէջ շինուող կեանքն էր, որ ամբողջովին փոխանցեր էր մանչուն, բաշխելով ետ ինքզինքը, բերնէն, մազերուն փունջերէն դէպի տունը տղուն հոգիին։

Բացուեցան կապերը անոր լեզուին՝

- Հալալ ըլլայ։

Գրեթէ երջանիկ՝

- Ծլիս ու ծաղկիս։

Դիւրին, անուշիկ բառերով՝

-Կանչընաս, աճիս։

Անուշ, եղկ, հարսնեւոր՝

- Թոռանդ թագը պագնես։

Ու չէր գիտեր, թէ այդ բառերով անիկա հարսնիքի խորհուրդը կը կատարէր տղուն գլուխին, փեսայ իր մանչուն ճակատը համբուրող շէն, հարսնեւոր շրթներով։

Անոր դէմքին ճառագայթումը չունեցաւ անդրադարձ միւսներուն վրայ, որոնցմէ հայը մոռցեր էր խորհուրդը, զգայութիւնը երկրի նախնական արարողութիւններուն հալաւ­օրհնէք, փեսա­հագուստ, եւայլն քաղաքի հարսնիքները ատելով, իրենց անհարազատ հանդիսանքին պատճառով, աւելի ճիշդը՝ իր իսկ խղճմտանքին խայթովը փախչելով անոնցմէ, իբրեւ դաւաճան մը, որ իր կարգին դէմ էր ելեր, իր սերմը ծախելով տիւշմանին արգանդին։ Որոնցմէ թուրքերը հարսնիքին մէջ ուրիշ բան կը զգան ու կը գտնեն։ Ամէն հարսնիք թուրք աղջիկին համար սկիզբ մըն է, որուն ծայրը այնքան անակնկալ ու վտանգ կը սպասեն իրեն։ Հարսնիքէն կը սկսի թրքուհիին վաչկատուն կենցաղը, էրիկէ էրիկ, միչեւ պառաւութիւն։ Այդ թուականին այրերը շապիկ փոխելու պէս կը փոխէին իրենց կնիկները։

Անոր դէմքին սա պայծառացումը զանոնք ըրաւ աւելի գրկող, աւելի սեղմուած։

Անիկա չէր վերցուցած տղուն գլուխը իր ուսէն։ Ու կ’ընէր այդպէս կորսնցուցած ըլլալով տեւողութեան զգայութիւնները, որոնք մեզ կը զետեղեն միջոցին ու ժամանակին մէջ։ Տաճկընա՞լը։ Ինչպէս՝ հիւանդութեան մը վերջաբանին, մա՜հը, որ կը թանձրանայ մէկէն, տունին պատերը, ձեղունն ու տախտակամածը կ’ըլլայ, մէկ­երկու րոպէի մէջ։

- Յիսուս Քրիստո՜ս հետիկդ ըլլայ, ձագուկս։

Լայն, լայն համբուրելով։

Ըլլար իրենց գեղը, տղան Զատկի առաւօտով ժամը պիւլպիւլի պէս երգի ղրկող մայրը Սողոմին, երբ լիովին մութ փողոցի դրան, կը համբուրէր տիրացու մանչուկը ու կը հանէր սեմէն դուրս, խաչակնքելով կը հետեւէր անոր ոտքին զարկերուն, խաւարը, փերթ­փերթ պատռող, մինչ գլխուն վերեւէն կը ճամբորդեն ալիքները զանգակին, լայն, մեծ, սրտոտ ու բարի։

Յետոյ ամրացաւ անոր լքուն մարմինին վրայ։

Մայր ու տղայ, այսքան տառապանքներէ ետք, իրարու կը փոխանցէին ով գիտէ քանի՜ հարիւրով տարիներու աւիշ ու հայութիւն։ Անիկա մոռցեր էր տաճկութիւնը։ Տղա՞ն։ Իրարմով գօտեպինդ։ Անոր ծոցին, սա մարմի՜նը, զգայութեանց հասկնալի աղաւաղումով մը։ Անոր ծոցին, իր մա՜նչը, որ պիտի կանգնէր հօրը արիւնը, իր ճամբով ու պիտի վառէր օճախը, հայր դառնալով որբերուն ու մօրը։ Ա՞ն։ Թէ ուրիշ մը։ Ու անոր բազուկները սեղմեցին անոր իրանը։ Ուժի այս գիտակցութիւնը անդրադարձաւ բարեբաստ ձեւով մը, սպառելու աւելի շուտ տրամադրուած մօրկանը վրայ, որուն բառերը ելան գոլուտ ու դոնդող իրենց կշիռէն ` ըլլալու համար պինդ, հաստատ, ոսկորոտ։

- Սուրբ Սարգիսը հասնի քեզի։

Որ երիտասարդներուն բնական պաշտպանն էր, առեւանգիչը Հոռմի գրալ ին 2, ինչպէս կը պատկերէր իւղանկարը, զայն բերելու համար Համազասպ իշխանին։ Ո՞վ էր շինած հեքիաթը, ու հիւսած անոր մէջ սա սիրային դրուագը, գտած՝ անունները նկարի հերոսներուն, երբ ոչ մէկ յիշատակութիւն կար այդ ուղղութեամբ։ Ժամուն պահարանը վտարուած այդ նկարը, հաւանաբար աշխարհիկ ներշնչումով, պոռոտ գործ մըն էր, որուն մէջ գեղանի երիտասարդ մը գեղանի աղջիկ մը զարկած էր ձիուն քամակին, սուրը շողարձակ կը թռէր երիվարին շարժումովը դէպի մթին անտառ մը։ Ո՞վ էր բերեր անիկա նուէր։ Ծերերը կ’անգիտէին ատիկա, որքան ժամուն հին տետրակը։ Անգամ մը ժամ ընդունուելէ ետքը սրբացեր էր անիկա։ Ամէն աղջիկ անշուշտ աչքի տակով չափած էր ոսկեգոյն մազերով այդ ձեւը, դէմքը ամօթէն թէ վախէն ետ, մինչ թեւերը ամրօրէն կը հիւսէին սուրբին մէջ։

Աղուոր էր անիկա իր մորթէն, ու տրտում՝ աչքերէն, ինչպէս ըլլալու են բոլոր ձի հեծնող աղջիկներ ը 3 ։ Ամէն տղայ կը սիրէր աղջիկէն աւելի, երիտասարդին շքեղ երիվարը, որ տիրական անձն էր նկարին…։ Մեր կեանքը ինչ չափ չգալիք աւազներէ է շինուած, որպէսզի այս գիծէ եղերական դրուագներ մշուշուին սա յիշողութեանց ծուէններով։

- Սուրբ Լուսաւորիչը աջը ընէ հովանի…

Երբ՝ հսկումի գիշերներուն, դողալով կը հանէր տղեկը դուրս իր շեմէն, ետեւէն դնելով հայրը, մինչեւ ժամ։ Զուր տեղը չէ, որ մութին վրայ, չարքերու զօրութեան ու Նեռին կայսրութեան օրերուն, հսկումը ձրի կամ տժգոյն բառ մը չէր մեր հոգիներուն վերեւ։

Այս մաղթողականը, զոր զօրաւոր ողջագուրում մը կ’ընէր կենդանի ու արտայայտիչ, հակառակ իր հայերէնին, գրեթէ հասկնալի դարձաւ այլազգներուն։ Ամէն մէկ դադարի, անոր դէմքին, կը բացուէր գօտին նոր արձակութեան մը։ Այս թեթեւացումը հաճոյք մըն էր բոլորին համար հաւասարապէս։

- Սուրբ հրեշտակապետը նեղ օր չտայ քեզի, ա՛յ իմ աննման, իմ պիւլպիւլ զաւակս։

Գեղի եկեղեցիին հզօր անունը տուող հզօր պե՛տը՝ «երկնայնոց» բանակներուն։ Որուն սուրին «արագահաս» օգնութիւնը հաստատած էր գեղացին, այնքան անգամներ, զէնքով գրոհները խորտակելով ժամու հրապարակին ու պահելով «արդարն ու մեղաւորը» տաճիկին ամօթէն։ Մեծ աղէտի տարիներուն մարդիկ անոր նկարը քրտնած կը գտնէին, աչքերու փոսիկին ալ՝ գունտ­գունտ արցունք։ Ինչո՞ւ կու լար հրեշտակներուն պետը։ Հայերը հարցուցին ատիկա այնքա՜ն անգամներ…։ Բայց հակառակ կոտրած իր սրտին, հրեշտակապետը կը պաշտպանէր իր անունին ապաստանած թշուառ ադամորդիները, որոնց մեղքը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ապրելուն մեծ մե՜ղքը, գրուած անոնց ճակատին ու դրուած՝ վիզին, դատակնիքը՝ հայ ապրելուն։

Յետո՞յ։

Սպառա՞ծ՝ շարքը սուրբերուն ու անոնց անունին հանգուցուած մաղթանքներուն։ Գեղի եկեղեցին երեք պատերուն բանակ մը մարգարէ ու առաքեալներ ունէր, ամէն մէկը իր զօրութիւնովն ու յատուկ խնդրակատար օրովը։ Խորաններուն՝ նոյնքան նկարներ։ Գաւիթներուն ու պահարաններուն փտած էջերով մեծ գիրքերու պէս ետեւ ետեւէ դէզը ա՛լ մեռած սուրբերուն։ Ամէն մէկուն ցաւ մը, երկնաւոր «տարտ» մը բուժիչ հարկ դրուած։ Սողոմենց հարսը կոկորդը բռնեց։ Հոն կ’ուռէր իր ցաւին խնձորը, շունչը անկարելի դարձնելու աստիճան։ Նոյն ատեն մարմինին խորը մութի, անէացման այն մթնոլորտը, որուն մէջ կ’ընկղմէր անոր տառապած անձնաւորութիւնը, գլխակործան հոգիովն ու մարմինովը։ Անիկա տակաւին հեռուէն կը նախազգար այս անտես փոթորիկը։

Վերցուց գլուխը, դագաղէն բարձրացող մեռելին տժգունութեամբը։ Իրաւ ալ մեռելի աչքեր էին այդ նայիլ չունեցող ապակիները։ Ո՞ւր էր փախած անոր արիւնը։

Յետոյ տեսան, որ չէր կրնար ծոծրակին վրայ կանգուն պահել գլուխը։ Ու նայուածքին տակ դիակի գորշութեամբ կապտաւուն բան մը (անոր աչքերը կապոյտ էին ու կը պահէին իրենց քաղցր գրաւչութիւնը այդ աւերակ դէմքին վրայ)։

Աւելի ետքը տեսան մարմինը, որ հակեցաւ աջին։

Հպատակ՝ այդ հոսումի ազդեցութեան, անոր տղան կոտրեց իր ծունկերը, կործանող այդ փլատակին մատուցանելու համար ամրութիւնը իր մէջքին։ Սի՜ւնն էր անիկա Սողոմենց օճախին։

-Պտիկ մը ջուր…

Հազիւ կրցեր էր արտասանել։

Ու մեղմ, առանց տանջանքի կնիքի, գոցուեցան անոր աչքերը։ Տժգոյն անոր քունը շփոթելի էր մահուան։

Անոր մանչը առաւ այդ գլուխը իր ծոցին։ Կու լա՞ր, թէ արագ իր շնչառութեան հեւքը այդ տպաւորութիւնը կու տար շուրջիններուն, որոնք յոգնած սա տառապանքին հաշուոյն, կը թուէին անհամբեր դուրս գալու այդ մղձուկ եղերաբեմէն։

Ընդարձակ ապարանքին մէջ կեանքը կը շարունակէր իր գնացքը, նուագով, փողով ու երգով։

Երբ արթնցաւ, մինակ էր խոհարարին հետ։

Անոր զգեստները թաթխուած էին գեղի այն հոտին մէջ, որուն վարժուած էր անիկա իր գեղէն։ Լոգմանի հոգի ն 4 ։ Անդրադարձաւ, ինչպէս կը պատահէր ատիկա ուրիշ անգամներ, իր նուաղումին։ Տարտը բռներ էր զինքը։ Ու զգաց, որ ենթարկուած էր մարձումի, եթերով ու սոխով ալ ռունգերէն ճմռումի։ Սողոմը, անշուշտ կատարողը սա դարմաններուն։

Ո՞ւր էր հիմա անիկա։

Հարցուց ինքզինքին, բայց վախցաւ Աւետիսին կրկնելու զայն։ Կ’ամչնար ի հաշիւ տրտում բաներու, որոնք կրնային փախած ըլլալ կուղպ իր շրթներէն, ինչպէս էր պարագան այնքան յաճախ, գեղը, ցաւ ին նոպաներուն։

Խոհարարը, ոտքի, ձեռքերը հրած գօտիին, մեռել մը թաղող պապայի անկանգնելի կործանումովը։

Այս կեցուածքը զայն դարձուց միւս իրականութեան։ Իր մանչուն հետ վերջին ողջագուրումը գծուեցաւ անոր մտքի դաշտին, լուսազօր ու խորունկ։ Կտոր­կտոր քաշուող բան մըն էր այդ պատկերը, որուն զգայութիւնը կը պահենք մեր կէս երազներէն։ Սողոմենց հարսը դեռ իր ծոցին կը կարծէր առնել քաղցր բեռը մանչուն գլուխին։ Անիկա ձեռքերով տեղաւորեց իբր թէ բացուած կուրծքը։ Յետոյ՝ նկարը վերցուցին անոր աչքերէն։ Տեղը բերուածը սա լռին սենեակն էր, բայց իր իմաստին ամբողջ եղերականութեամբը։

Նորէն ամչցաւ մանչը հարցնել խոհարարին։ Բայց այս ծփուն մտածումները, թերեւս արտակարգ իր մտածումներուն ենթակայ, փոխանակ ճշդուելու՝ կը տարտամէին ու ինք չունէր ուժը ատոնք սեւեռելու։ Անկայուն ստուե՜ր՝ սա մանչը, անոր ուղեղին։ Մեռա՞ծ։ Փախա՞ծ։ Ո՞ղջ։ Պիտի հարցնենք այս երանգները մեզի, երբ գերեզմանը կը փակենք մեր սիրականներուն ու չենք հաւատար, չենք կրնար հաւատալ հողին յանձնուած անճառելի բանին, որ կեանքն էր շաբաթ առաջ, այդ կապուտցած միսերուն մէջէն մեզի երկարող, մեզ ողողող։

Չհարցուց միւսներն ալ, տարօրինակ կերպով իրական, հաստատ գիծերով. աղջիկը՝ իր միսին ճերմակ մուշտակովը. մայրը՝ անորակելի այն արտայայտութեամբ, որ մեր դէմքը կը բռնէ մենէ անկախ։ Ու կատարեալ յստակութեամբ սա պատկերները վիրաւորող ալ բան մը ունէին անոր համար։

Պալատը, խուլ, խոր, մօտ ու հեռու աղմուկներու մէջ։ Բազմութեան շեշտ զգայութիւնը անցեր էր նոյնիսկ պատերուն, որոնք կը թուէին լեզու ելած ըլլալ։ Ամէն զարկ ոտքէ, առարկայէ, կը թրթռար արտակարգ իրականութեամբ, աճելով յանկարծակի ու զարնելով անոր արիւնաքամ ջիղերը։ Ու վիրաւորիչ էին խրխինջները, նոյնիսկ սմբակները։ Չէր գիտեր անիկա, թէ պարզ այս աղմուկները ո՛ր հրաշքով կ’առնէին սա բզկտող սրութիւնը անոր ականջներէն դարվար։ Կառքեր, թափուած ընկոյզի աղմուկովը, աւրուելով ու նորէն դառնալով ու, մա՛նաւանդ՝ չհատնելով։ Տեւումի, առատութեան սա տպաւորութիւնը անոր մէջ վերածուեցաւ վերի սրահին փարթամ բազմութեան։ …Ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ հաւաքուած էին այդ աղաները, պէյերը, փաշաները։ Ու բացուող ու գոցուող դուռներու կշռոյթին հպատակ տեսակ մը երաժշտութիւն, իրեն անծանօթ, բայց մօտ անոնց, որոնք մուրացիկներու բերանով կ’ընդհանրանային գեղին մէջ ու կ’ապրէին քանի մը լեցուն շաբաթ։ Դո՛ւրսը, վե՛րը, հեռո՜ւն, այս ամէնը։ Բայց այնքան ալ մօտ։ Ըսես ամէն բան կատարուէր, տեղի ունենար անոր գանկին վրայ։ Կառքերու անիւները այդ կտոր մը ոսկորին շուրջ էր, որ կը դառնային ու կը դառնային։ Ձիերը կը պոռային անոր ականջին մսուրքէն։ Երգերը կը կախուէին անոր մազերէն։ Եւ սակայն առջին, քովը, մահուան լռութեամբ, խոհարարը։ Գիշե՞ր։ Ցերե՞կ։ Լամբարին մեծ լոյսն ալ կը թուէր ճերմկիլ, դալկանալ ու փախչիլ իր ընտանի իմաստէն։

Յօրանջեց։ Արցունքին աղին ըրաւ փոթ­փոթ անոր դէմքը ու համակրօրէն՝ դէմքը։ Նայու ա ծքը կը պղտորէր։

Ելաւ ոտքի սակայն, վասնզի կը վախնար առաստաղէն, որ կը տքար կառքերուն բեռէն փոխադրուած աթոռակ մը զգայական սա այլայլումով պատճառ էր աս սարսափին կրնար իջնել վար, իր գլխուն։ Բիւրաւոր մրջիւններ սղոցտուքի պէս բուսան անոր ծունկին բոլոր կապերուն։ Ցաւ չունէր անիկա։ Միայն սրունքներուն միսերը կակուղցեր, ծեծուեր էին։

Փոխեց քայլը, մեծ զգուշութեամբ։

-Ո՞ւր։

Պատէն փրթող հարցակա՜նը։ Ո ր անոր արիւնը սառեցուց։

Անիկա դանդաղեցաւ ու պիտի կործէր կրկին։ Խոհարարին թեւը հասաւ։

- Ո՞ւր, - կրկնեց անիկա։

- Դո՞ւն ես, Աւետիս։

Ու այս հարցումը խոհարարին սիրտը ծակեց։ Անիկա լսած էր խենթեցած մարդոց պատմութիւնները, որոնց մէջ անոնք չէին տեսներ իրենց շրջապատը, ու կը տեսնէին ինչ որ կը շինուէր իրենց խելքի տունին։

Ուժով մը թօթուեց զայն թեւերէն։

- Մ’ըներ, ցաւ ունիմ։

Անոր թեւերը ցաւեր էին ցնցումէն։

- Ո՞ ւ ր կ’երթաս, - հարցուց մեղմ։

- Տուն։

Ձայնին մէջ չկար մէկը։

- Ո՞ւր է տունդ։

- Ո՜ւր։

Շփեց ճակատը։ Նոր կը դառնար ինքնիրեն։ Անիկա խելք դրաւ իր աչքերուն մէջ։ Ո՜ւր էր իր տունը սա տաճկընոցին մէջ։ Ու եղաւ աւելի քան արգահատելի։

- Ո՞ւր է տէրպապան։

- Խանը։

- Խա՜նը։

Յիշեց աղտոտ պանդոկը, իր հոտած պէտքարանովը ու ախոռին քիթ փրցնող կծուութեամբը։

- Հեռո՞ւ է։

- Շատ։

- Հոն տար ինծի, Աւետիս։

- Նստէ քիչ մը։

- Ի՞նչ կայ, որ նստիմ։

- Հաց ուտես, ուժովնաս։

- Հա՜ց։

Կէս մը անզգայ անոր նայուածքը ուժով մը չափեց խոհարարը։ Մեռելները հաց կ’ուտէի՞ն։

Դուրսէն աղմուկը ստացեր էր բացառիկ ուժգնութիւն։ Հիմա պատերը կը թուէին քալել։ Պարտէզը կտոր­կտոր կ’ելլէր հողէն, ինչպէս էր դրուագ մը հին հեքիաթի մը։ Կառքերը կը թռէին։ Ծառերը կը խօսէին…։ Ու այս ամէնուն ճարճատիւնը, թաւալին հաստ ակօսները կը կազմէին անսեւեռելի խառնակոյտ մը։ Շեփորներուն թնծկալը, մզմզուն՝ բայց իրաւ։ Թեւ մը լման երգ։ Որոտո՞ւմ, թէ կայծակ։ Աւետիսը ձգեց զինքը, ականջովը սուզուած դէպի հեռաւոր փոթորիկը։

Յանկարծ որոտում։ Բայց տառացի, ստոյգ որոտում։

Փողերն էին, անհուն ուժգնութեամբ։ Ինչո՞ւ ու ի՞նչ կը պոռային։ Արոյրին անկարեկիր հնչականութիւնը, պատերէն ապտակուած, ճմռկուած, կորսնցնելով նուագային իր պարզութիւնը, կ’ըլլար երկաթ դանդիռ մը(տէրը լուսաւորէ հոգին Բագրատունիին), Վերջին դատաստանէն նախահամ մը անոր ականջներուն։

Երկինքը խախտած էր իր սիւներէն։

- Ի՞նչ կայ, օղո՛ւլ, Աւետիս։

Խոհարարը չպատասխանեց։

Լռեցին փողերը։ Բայց անոնց տեղը բարձրացաւ ձայներու նոյնքան հսկայ խաժամուժ մը…

- Փատիշահըմ ջոք եաշա՜…

Ըսես, լման քաղաք մը պոռար այդ ձայնին մէջէն։

- Աւետիս, ի՞նչ կայ, օղո՛ւլ։

- Կը տանին կոր, քուրո՛ւկ, կը տանին…

- Ո՞վ։

- Ո՜վ։

Դարձուց իր նայուածքը կնոջ աչքերէն։ Բայց կը դողար։ Չե՞ ն ք պատասխաներ հոգէառին։

Մայրը կրկնեց իր հարցումը.

­Ո՞վ է տարածնին։

Միամիտ, գրեթէ յիմար։ Ինչո՛ւ չէր մտածեր, հարցնելէ առաջ։ Խոհարարը, նեղուած՝

- Սողոմը։

- Սողո՞մը։ Ո՞ւր։

- Տաճիկներուն։

Վանկը բերանը մնաց։

Բան մը պոռացեր էր պատէն։

Երկուքով նայեցան։ Խօսող պատերը մինակ հեքիաթէն չէ, որ կ’առնէին իրենց ստուգութիւնը, այլեւ՝ Աստուծոյ գիրքէն։ Մանէ, թեկեղը վեց տարեկան տղան ալ կը հասկնար այդ օրերուն։

Սազն էր, որմէ թել մը փրթած էր։

Բարակ այդ լարը ո՞ր հրաշքով յաղթեր էր շեփորային գոռոցին, խաժամուժին, «դանդիռ»ին, ու նոյն Բագրատունիին մէկ պատկերովը «սանդարամետոց դռոյթքին», որոնք պալատին ներսն ու դուրսը «կը մրճահարէին»։

-Խեր ըլլայ…

Ու խաչ հանեց դողդղալով։

Անիկա առաւ գործիքը պատէն։

Իր սատափակուռ անկճիկներուն մօտէն լարը երկարեցաւ թոյլ անկումով, գործիքին քսուած մասերէն հանելով նոյն սրտապատառ ճիչը։ Յետոյ դողդղաց հասակն ի վար ` ձեւելով մէկ­երկու կիսաղեղներ, որոնք կը թուէին հեծկլտալ, հետզհետէ նուաղուն, բայց որոշ իմաստի մը ետեւէն։ Կակուղ, տաք, ըսես մարդու միսէն ըլլար շինուած այդ աղեկտուր լարը, մարդկեղէն ցաւի առաձիգ ասեղը, զոր ուզենք­չուզենք հանդու ր ժենք պիտի մեր սիրտին վրայ։

- Խեր ըլլայ, քուրո՛ւկ…

Բայց խեր չէր։ Ու գիտէր ատիկա, քանի՜­քանի՜անգամ լսած ըլլալով հրաշախառն դրուագները, իրենք իրենց փրթող լարերու լեզուին։ Ասիկա առնուազն յայտարար «նշան մըն» էր, հեռուները պատահող մեծ դժբախտութեան մը, սովորաբար՝ մահուան։ Թելերը կը փրթէին՝ ինչպէս հոգիները։

Անոր սրտին, յստակ, կաթեց այդ վկայութիւնը։

-Մէկը մեռած է։

Ու անոր շրթները ըսին այդ մտածումը բացառիկ պարզութեամբ, առանց ձայնի։

Մէ՜կը։ Մտածումին լարովը եղաւ անիկա հայրենի իր գեղը։ Մէ՞կը։ Անիկա իր ընտանիքին բոլոր անդամները գիտէր մեռած, 95ի ջարդին։

-Ո՞վ, սա մէկը…

Հարցուց նորէն մտովի, չհամարձակելով իր տարակոյսը հաղորդել Սողոմին մօրը, որ ափ ի բերան կը հետեւէր «քակուող» պալատին ու կը սպասէր պատերուն, իջնային վրան, թաղէին ա՛լ անպէտ իր մարմինը։ Այսպէս՝ անոր մտքին մէջ պատկերը Սամսոնին, որ իր երկու թեւերովը կը հանէր փղշտացիներու պալատին զոյգ սիւները, կոտրելով զանոնք թթենի տունկի մը նման, մինչ վերնայարկէն գլխիվայր կեցած էին մարմինները անաստուածներուն։ Սրբազան պատմութեան մէկ գիրքէ մը սա փորագրութի՜ւնը։

Դուրսէն, աղմուկը գտած էր իր ծայրակէտը։

Շեփորները կը կործանէին գիշերը։

Ու Սողոմենց տղան կ’ելլէր դուրս… դէպի տաճկութիւն։

Խոհարարը սեղմեց ճակատէն դնդեր մը, որ դրուած ըլլալու էր հոդ մտածումի իբր ղեկ մը։ Նեղ րոպէներու անոր կը դիմէր, ուղղութիւն սպասելով։ Բայց անոր ուղեղը մնաց անզգած։

Իր յիմարութի՜ւնը։

Մեռել կը փնտռէր, Խարբերդի գեղերէն, երբ գիտէր, թէ Սողոմը հանած էին արդէն պալատէն։ Կա՞յ աւելի դժնդակ մահ մը, քան ա՛ն՝ որ գրուած էր սա տղուն…։ Որ գրուած է մեր բազմահազար եղբայրներուն։

Յաղթական շեփորներուն պատգա՜մը։ Պարտուած քաղաքներու եւ պարտուած հոգիներու վրայ թուրքերը ուրիշ կերպ չպոռացին։ Քանի մը վայրկեան խուճապին սա գոռոցը խղդեց իր մէջ ամէն մտածում։ Գլուխը կը դառնար։ Ինքզինքը ոտքի պահելու համար կռնակը պատին տուաւ։

Ու ամբողջ հինգ վայրկեան այդ պարպուող խանդավառութիւնը կը բաբախէր պատերէն ու օդէն։ Ամբողջ հինգ վայրկեան, ինքնասոյզ, անիկա, առանց գիտնալու, կեցաւ գլխահակ, յուղարկաւոր թափօրի մը անցքին դիմաց, որ կը քալէր ու կը հեռանար։

Ու պճպճուն, դուք ըսէք՝ կարմիր խաղաղութիւն։

Անիկա մոռցեր էր Սողոմին մայրը։

Խոհանոց նայող դուռը բարակ մը դողաց։ Մէկը կու գար։

Եղնիկը։

Որ թեթեւոտն, մօտեցաւ Սողոմենց հարսին ու քիչիկ մը ծռելով առաւ անոր թեւը։ Այսպէս համբուրելու էր անոր մանչուն հարսը, պսակէն ետքը, երբ մտնէր ներս իր տունէն։

-Քալէ՛, մայր…

Չհասկցաւ։

- Քալէ՛, երթանք։

- Ո՞ւր։

- Ո՜ւր։

Չգտաւ բառը։ Յայտնի՞ ատով, թէ չէր ղրկուած ոչ մէկէն։ Թէ չունէր մտքին որոշ տեղ մը, սա կինը առաջնորդելու։

- Իմ սենեակս…

Խոհարարը ծանօթ էր անոր «սենեակին», այսինքն՝ սրահին։ Իր վարանումին մէջ՝ Եղնիկը աչքով օգնութիւն ուզեց Հաւատիսէն, որ, անգիտակ իր ըսածին, թելադրեց անոր.

- Գնա՛, մի կենար։

- Դո՞ւն։

- Հոս եմ ես, դուն գնա՛ ետեւէն։

Կինը չէր շարժեր։ Անոր թեւերը կը թուէին խօսիլ, բայց շրթներով կը յայտնէին իր վախը ատկէ։

-Գնա՛, մի կենա՛ր։

-Սողոմը։

Հզօր ճիգով ըսուած այս բառը տեսակ մը պայթում էր սենեակին ձգտուած ոլորտին մէջ։

Գրեթէ բարկացած՝

- Ըսի գնա՛ ետեւէն ու ա՛լ մի խօսիր։

Անիկա հրեց կինը ուսերէն։

Կինն ու աղջիկը հալեցան խոհանոցէն անդին։

Մինա՛կ, այսինքն՝ իր ցեղին ամբողջ անցեալը վրան, խոհարարը իջաւ իր ծունկերուն վրայ։ Լամբ մը առեր էր խոհանոցէն ու դրած գետին։ Կղպեր՝ դուռը վրան։

Անիկա բացաւ, զգուշաւոր, որքան խռով, իր համայիլը։

Աղօ՛թքը։

Ու անոր շրթները, արցունքէն աղի, դողդղացին.

-Տէ՜ր դատաւոր…

Հզօր ու հռչակաւոր աղօթքն էր, տաճկաց մաճլիսը ինկողներուն համար «երագահաս»։ Ուրիշի բերնով անգամ կը պահէր իր ուժը, վերնագրութեան ծանօթութեան համաձայն։ Խոհարարը աւելի «հաստատ» կապելու համար «գործ»ը, ինքզինքը փոխարինեց Սողոմին անունով ու կարդաց զայն երեք անգամ։

Պալատը լուռ, մեռել։

Աւելի թեթեւ էր անիկա, երբ ծալեց մագաղաթ տետրակը ու տեղաւորեց իր պատեանին։ Աւելի անվախ էր, երբ բացաւ կղպանքը։ «Սոյն բարեխօսութեամբ» Սողոմենց տղան վախնալու չէր սկսող դժոխքէն, որ բռնադիր տաճկութիւնն էր հայերու հոգիին։ Ու երանելի խոհարարը չէր կրնար երեւակայել հարիւր հազարով այն դժոխքները, որոնք մեր մայրերունն ու քոյրերունն են տակաւին հիմա, թուրքի օճախներուն շղթայուած։

-Քու կամքդ ըլլայ, Տէ՜ր դատաւոր։

Բայց սրբագրեց իր սխալը.

Եղիցին կամք քո…

Ուրիշ ի՛նչ կարող էր գտնել, յուսալու եւ սփոփուելու համար, հայու մը կտորը այս դարու սկիզբին, խորը տաճիկի մը պալատին։ Գերի իր մեղքին ու հաւատքին։

 

ՎԵՐՋ

Բ. ՀԱՏՈՐԻՆ ԵՒ Զ. ԳԻՐՔԻՆ

1 Մամուկ­բուն սարդոստայն։

2 Հոռմի գրալ յոյներու թագաւորը։

3 Ձի հեծնող աղջիկներ սերունդ մը առաջ ամէն հարս ձիով կը պտըտէր փողոցներէն, ժամ՝ պսակի գալու ատեն։ Իմ օրերուս սովորութիւնը կը յարգուէր միայն խենթ տղոց պահանջումով։ Հարուստները հրաժարած էին անկէ։

4 Լոգմանի հոգի եթեր։