Հայ աղբրտիք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳՈՆԻԱՑԻՆ

Աստուծոյ կողմէ չէ, որ ստեղծուած է Գոնիացին։ Ալլահին ձեռքերէն ելած պտուղ մըն է ան։ Երբ Ալլահ իր այս երկին շունչ կուտայ, կը ներկայանայ Աստուծոյ` առնելու համար կարծիք։

Աստուած քննելէ վերջ իր առջեւ դրուած ապրանքը, կը հարցնէ Ալլահին.

Ի՞նչ ընելու ընդունակ է այս արարածը։

Ալլահ պատասխան կուտայ.

Կրնայ անմրցելիօրէն «Գոնեալը» երգել ու պարել։ Կրնայ շիշերով օղի խմել, կաթսաներով կերակուր ուտել եւ քաջաբար թրքերէն խօսիլ։ Իբրեւ այր քաջ՝ կրնայ կնիկ ալ ծեծել։ Ըսածիս մէջ ո՛չ սուտ կայ, ո՛չ ալ սխալ։

Եւ Ալլահ կը հրամայէ Գոնիացիին, որ երգէ ու պարէ։ Գոնիացին չի հնազանդիր` նեղ դրութեան մէջ դնելով զինքը ստեղծողը։ Ալլահ կը քրտնի ու կրկին կը հրամայէ։ Գոնիացին, Աստուծոյ առջեւ տպաւորութիւն գործելու համար, կը պատասխանէ թրքերէն ոտանաւորով մը, որուն մէկ մասը կը հայացնենք.

Կընիկ պէյազ,

Օղի պիրազ,

Առանց անոնց,

Երգ, պար օլմազ

Կամ եարամազ։

Աստուած կը թքնէ Գոնիացիին երեսը, իսկ Ալլահ, ուրանալով իր ձեռակերտը, սադայէլի մը կը յանձնէ զայն, որպէսզի փճացուի դժոխոց հուրերուն մէջ։

Սատանան սակայն կ’ըսէ Գոնիացիին.

Քեզի դուրսէն վառելու չէ, այլ ներսէն։ Երկիր իջնես, օղի խմես ու այրիս։ Կին տեսնես ու այրիս։ Ամառը վառիս ու ձմեռը բռնկիս։

Ու անկէ ի վեր բոցերու մէջ է Գոնիացին։ Իր մէջ ինչ որ դնես, վայրկենապէս կը վառի, կը լմննայ։ Գիտութիւն դիր իր մէջ՝ ժամ մը վերջը կը գտնես մոխիր։ Հայութիւն դիր իր մէջ՝ պահիկ մը վերջը` աճիւն։ Դաստիարակութիւն խոթէ իր մէջ՝ շաբաթ մը վերջը Պոմպէ եւ Հերքիւլանում։ Իր մէջի շարժող կրակը ամէն ինչ կը լափէ, կը կործանէ։ Անշէջ հուր է. աս ալ բան մըն է… բան մը չեղած տեղը։

Ատրաշէկ Մողոք մըն է։ Ով որ կ’ուզէ զոհաբերել իր աղջիկը՝ թող զայնը նետէ Մողոքին բազուկներուն մէջ։

*

Գոնիացին, երբ օղեսեղանի մը առջեւ բազմած է, ինք առանձին, կրնայ ձեզի պարգեւել դասախօսական եւ գեղարուեստական հանդէսի մը ամբողջ յայտագիրը` զայն գործադրելով ծայրէ ծայր։ Նախ կ’ընէ բացման խօսքը… փակելով ամէնուն բերանը։ Յետոյ կը սկսի բանախօսութեան՝ ճառելով անբանախօսութեան մասին, մերթ ընդ մերթ ալ համեմելով իր պերճախօսութիւնը, բացատրութիւններ տալով օղիին բարերար դերին համար, ազգութեան եւ կրօնքի մէջ։ Անմիջապէս վերջը կ’անցնի գեղարուեստական բաժնին՝ երգելով «մանի» մը կամ «մէմօ»ն։ Կ’արտասանէ Նամըք Քէմալի անտիպ քերթուածներէն մին ու իսկոյն ոտքի կ’ելլէ` թրթռալու համար պորտախաղի մը մէջ։ Այդ երանեալ պահերուն Գոնիացիին գլուխը ներս մտած է Մուհամմէտի արքայութենէն ու կը ծփայ ու կը թաւալի հուրիներու ալեկոծութեան մէջ։ Երբեմն ալ իրեն այնպէս կը թուի, թէ ոտքերը վերն են ու գլուխը վարն է։ Եթէ բան մը կայ, որ իր տեղը մնացած է, ան ալ իր որկորն է։ Իր ոտնամբարձ վիճակին մէջ կը թեւածէ իբրեւ տարաշխարհիկ թռչուն։ Այս ապրումներէն վերջ յաճախ գեղարուեստական բաժինը կը լրանայ կատակերգութիւնով մը, որուն վարագոյրը չիջներ, որովհետեւ ան վախճան չունի։ Կատակերգութեան հերոսը ինքն է. միւս դերակատարներն են իր կինը, իր զաւակները, իր հարսերն ու փեսաները։ Կատակերգութեան նիւթը կռիւ մըն է, կռիւին բովանդակութիւնը հայհոյութիւն է, ու հայհոյութեան իմաստը անհուն է` տարածուելով մինչեւ հարիւրերորդ պորտ։

Պէտք է ըսել, սակայն, որ Գոնիացիին սեղանը բաց է. օղիին շիշը աւելի բաց է, իսկ իր բերանը շատ աւելի բաց է։ Հիւր մը այդքան բաց տեղերէ ներս մտնելով՝ կը գտնէ ինքզինքը անդունդի մը մէջ։

*

Գոնիացին, գեղարուեստ ըսելով, կը ճանչնայ պորտախաղը, «Գոնեալը»ի նմանամերձ երգերը։ Լեզու ըսելով` կը հասկնայ թրքերէնը եւ քաղաքակրթութիւն ըսելով` կը հասկնայ «թէմէննահ»ը եւ «քէյֆ»ը։ Ու հազար անգամ կ’ափսոսայ, որ այդ գլուխգործոցները յամրաբար կը չքանան աշխարհի երեսէն, ինչպէս նաեւ մեր մէջէն։ Կը բացագանչէ.

Հէ՜յ վախ, հէ՜յ վախ, սանկ բերնի համով ֆարսի թուրքերէն մը խօսելու համար մարդ չմնաց, փաշա, պէյ, էֆէնտի, հանըմ էֆէնտի չմնաց, համ հոտ չմնաց, կազէլ, մանի, շարգի, նիհավէնտ, սապահի, հիճազքեար քիւրտի չմնաց, աշխարհ, կեանք, պատիւ, արուեստ չմնաց…

Օր մը Գոնիացին այս մասին իր ցաւը կը յայտնէ Թուրքի մը, իսկ Թուրքը իրեն կը պատասխանէ` ըսելով.

Գոնիացի, փոխէ սա Թուրքի գլուխդ։

*

Անշուշտ, ամէն Գոնիացի մեր նկարագրած Գոնիացիին պէս չէ, բարեբախտաբար։ Եւ սակայն, դժբախտաբար, բազմահազար Հայեր կան, որոնք նման են մեր ներկայացուցած Գոնիացիին։

Կը յուսանք եւ կը հաւատանք, որ անոնցմէ շատերը, մօտերս, դիմում պիտի կատարեն, ուր որ անկ է, նաթիւրալիզէ հայ ըլլալու համար։